Տ.
ՄԵԼԻՏԷ
Ա.
ՄԱՆԱԶԿԵՐՏԱՑԻ
279.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԸԼԼԱԼԸ
Ղեւոնդեանց
նահատակութիւնը
ամբողջացնելու
նպատակով
անոնց
պատմութիւնը
առաջ
տարինք,
բայց
պէտք
է
երկու
երեք
տարիով
ետ
դառնանք
Հայաստանի
եւ
Հայ
Եկեղեցւոյ
վերաբերեալ
դիպուածները
պատմելու
համար:
Աւարայրի
ճակատամարտը,
եկեղեցականներու
եւ
նախարարներու
աքսորուիլը,
եւ
մարզպան
Ատրորմիզդին
գործունէութիւնը
պահ
մը
թող
չտուին,
որ
ներքին
եւ
եկեղեցական
կարգադրութեանց
վրայ
հնար
լինէր
մտադրութիւն
դարձնել:
Միւս
կողմէն
Հայոց
ազգին
գլխէն
անցած
արկածները,
ընդհանուր
ուղղութեան
վրայ
ալ
ազդած
էին:
Եկեղեցականութեան
գլխաւորները
բանտարկուած
եւ
աքսորուած,
նախարարական
տուներէն
բոլոր
գործունեաները
հեռացուած,
ահուսարսափ
ամենուն
վրայ
տիրած,
բնական
էր
որ
նոր
մարդեր
եւ
նոր
կերպեր
մէջտեղ
ելլէին:
Մարզպանն
ալ,
որ
արտաքին
ձեւակերպութիւնները
պահելու
կը
հետեւէր,
կ՚ուզէ
որ
եկեղեցին
գլուխ
մը
ունենայ:
Յովսէփ
կաթողիկոս
ինքն
ալ
կը
հրամայէր
որ
եկեղեցին
անգլուխ
չմնայ
(ՅՈՎ.
78),
նախարարներէն
յարմարողներն
էին
որ
տանուտէրութիւնները
կը
վարէին,
եկեղեցականներէն
աւելի
եռանդոտները
քաշուած
էին,
ուստի
իրաց
բնական
կերպով
հին
սովորութիւններ
նորէն
մէջտեղ
ելան,
եւ
ժառանգական
ընտրութեան
ձեւը
երեւան
եկաւ:
Լուսաւորչեան
սերունդին
սպառելուն
պատճառաւ
Աղբիանոսեան
սերունդը
նորէն
բաց
ասպարէզ
ունեցաւ,
եւ
Մելիտէ
Մանազկերտացի
կաթողիկոսութեան
աթոռը
բարձրացաւ:
Պատմութիւնը
իր
նախընթացը
չի
յիշեր,
բայց
մենք
չենք
վարանիր
նոյնացնել
զայն
Շահապիվանի
ժողովին
ներկայ
Մեղիտոս
երէցին
(§
228),
եւ
Արտաշատի
ժողովին
ներկայ
Մանազկերտի
Մելիտէ
եպիսկոպոսի
հետ
(§
241):
Այդ
ենթադրութեամբ,
ուղղութեան
հակամէտ,
բայց
ծերացած,
եւ
տկարացած
անձ
մը
կը
ներկայանայ
Մելիտէ,
երբ
452-ին
կաթողիկոսութեան
կը
կոչուի:
Ազգային
պատմիչներ
Յովհաննէս
կաթողիկոսէ
սկսելով,
եւ
կաթողիկոսներու
գաւազանագիրք
կազմողներ,
ընդհանուր
կերպով
ցուցակի
չեն
անցըներ
Մելիտէն,
եւ
անոր
յաջորդող
Մովսէսը,
եւ
Յովսէփ
Հողոցմեցիէ
ետքը
Գիւտ
Արահեզացիին
կ՚անցնին,
իբր
թէ
անմիջապէս
իրարու
յաջորդած
ըլլային
(ՅՈՎ.
79,
ՕՐԲ.
Բ.
249):
Միայն
յետինք
սկսան
յիշել
այս
երկուքը(ՉԱՄ.
Բ.
85),
եւ
այս
է
ընդունելի
դրութիւնը,
որովհետեւ
բոլոր
լռողներուն
դէմ
զօրաւոր
է
Փարպեցիին
վկայութիւնը,
որ
կը
գրէ
թէ
յետ
կատարման
սրբոյ
կաթողիկոսին
Յովսեփայ
յաջորդեաց
զկաթողիկոսութիւնն
յաշխարհիս
Հայոց
տէր
Մելիտէ,
որ
էր
յազգէն
Մանազկերտացեացն
(ՓԱՐ.
110):
Միայն
թէ
Յովսէփի
կատարման
ժամանակը,
մինչեւ
454
նահատակութեան
թուականը
յետաձգելու
տեղ,
յարմարագոյն
է
մահապարտութեան
վճիռին
վրայ
իմանալ,
որ
452-ին
տրուեցաւ,
ինչպէս
նոյնինքն
Յովհաննէս
կաթողիկոս
ալ
իմացած
է
յաջորդութեան
որոշումը
(ՅՈՎ.
77),
Յովսէփի
կենդանութեան
ատեն
դնելով`
նոր
կաթողիկոսի
ընտրութիւնը:
280.
ՄԵԼԻՏԷԻ
ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Փարպեցիին
հետեւելնիս
վճռական
պահանջ
մը
կը
դառնայ,
երբոր
դիտենք,
որ
Գիւտ
Արահեզացիի
եւ
Յովհան
Մանդակունիի
տրուած
տարիներուն
գումարը
չի
կրնար
երբեք
լրացնել
այն
միջոցը,
որ
Յովսէփի
դատապարտութենէն
կամ
նահատակութենէն
ետքը
կը
սկսի:
Կ՚երեւի
թէ
այս
հաշիւը
Ասողիկի
ալ
մտադրութիւնը
գրաւած
է,
որ
պարտաւորուած
է
գրել,
թէ
յետ
մահուանն
Վարդանայ,
այսինքն
451-է
սկսելով,
անիշխան
եղեալ
երկիրս
Հայոց
ամս
տասն
(ԱՍՈ.
80):
Թէպէտեւ
ինքն
ալ
Յովսէփէն
ետքը
Գիւտը
կաթողիկոս
կը
ճանչնայ
(ԱՍՈ.
80),
այսու
ամենայնիւ
Ասողիկի
յիշած
անիշխանութիւնը
դժուար
է
քաղաքական
իմաստով
առնել,
որովհետեւ
Ատրորմիզդ
մարզպան
կանոնաւորաբար
եւ
շարունակաբար
իշխեց:
Նոյնիսկ
պատմիչին
շփոթ
խօսքերը
շփոթ
կացութեան
յայտարարներն
են:
Գիւտի
կաթողիկոսութիւնը
հնար
չէ
461-էն
առաջ
անցնել
եւ
451-է
461
ճիշդ
տասը
տարիներ
կրօնական
անիշխանութեան
ժամանակ
կ՚ըլլան,
եթէ
Մելիտէի
եւ
Մովսէսի
կաթողիկոսութիւնները
չընդունուին:
Քանի
որ
Փարպեցիի
անցողաբար
խօսքերէն
զատ,
ուրիշ
տեղեկութիւն
չունինք,
պարտաւորեալ
452-է
461
տասնամեայ
միջոցը
երկուքին
վրայ
պիտի
բաշխենք,
երկուքի
կիսելով,
որ
թէպէտ
մասամբ
կամայական,
սակայն
յարմարագոյն
կերպն
է:
Իսկ
պատմիչներուն
եւ
գաւազանագիրներուն
ընդհանրապէս
երկու
Մանազկերտացիներուն
անունները
լռելը,
պէտք
է
վերագրել
այն
ձախող
գաղափարին
զոր
ազգը
ունեցաւ
Մանազկերտացեաց
ազգատոհմին
վրայ,
մանաւանդ
Սուրմակ
Մանազկերտացիին
դաւաճան
ու
ամբարտաւան
ընթացքէն
ետքը:
Իրաւ
Մելիտէի
ներկայութիւնը
Շահապիվանի
եւ
Արտաշատի
ժողովներուն
մէջ,
իր
ուղղութեան
մասին
նպաստաւոր
գաղափար
կազմելու
կը
ծառայէ,
սակայն
երաշխաւորութիւն
չի
տար
կաթողիկոսութեան
ատեն
ունեցած
ընթացքին:
Մանազկերտացիք
արդէն
Լուսաւորչեան
տունին
հակակիրներ,
լաւ
աչքով
չեն
կրցած
նայիլ
Վարդան-Ղեւոնդեան
շարժումին
հեղինակներուն
եւ
կողմնակիցներուն
վրայ,
որոնք
Սահակեան
սերնդեամբ
եւ
Սահակ-Մեսրոպեան
աշակերտութեամբ`
Լուսաւորչեան
տունին
պատկանողներ
կ՚ըլլային:
Չափազանցեալ
խոհեմութեան
եւ
հանդարտութեան
փափաքանօք`
ուզած
են
կարճել
անոնց
գործունէութիւնը,
եւ
իրենց
շուրջը
կազմած
են
իրենց
միտքին
ծառայող
եկեղեցականութիւն
մը,
Փարպեցիէ
Աբեղեան
կոչուած
խումբը
(ՓԱՐ.
202),
որոնց
երեսէն
նախատուեցան
եւ
հալածուեցան
բոլոր
Սահակ-Մեսրոպեան
աշակերտութեան
մնացորդները
(ՓԱՐ.
201),
եւ
նոյնինքն
Փարպեցին
ալ:
Այս
է
ըստ
մեզ
Մելիտէի
եւ
Մովսէսի
անուններուն
մոռացութեան
մատնուելուն
ներքին
գաղտնիքը:
Այսչափէ
աւելի
տեղեկութիւն
չունինք
Մելիտէի
վրայ,
որուն
ժամանակը
կը
լինի
452-է
456:
Հարկ
կը
տեսնենք
եւս
դիտել
տալ,
թէ
մեր
հին
պատմիչներ
ու
ժամանակագիրներ`
որ
Մելիտէն
ու
Մովսէսը
զանց
կ՚ընեն,
սխալ
ժամանակագրութեան
մը
զոհ
կ՚երթան,
Սահակի
մահը
դնելով
467-ին,
Յովսէփի
բանտարկութիւնը
470-ին,
Քաղկեդոնի
ժողովը
473-ին,
որով
Գիւտի
կաթողիկոսութիւնն
ալ
470-ին
դնելով,
միջոցը
լրացուցած
կ՚ըլլան
(ՍԱՄ.
71):
Բայց
Թէոդոսի
մահուան
եւ
Քաղկեդոնի
ժողովին
թուականները
արտաքին
պատմութենէ
450-ին
եւ
451-ին
հաստատուած
լինելով,
ժամանակակից
ազգային
եղելութիւններն
ալ
ըստ
այնմ
պէտք
է
ճշդուին:
Մելիտէի
մահը,
մերձաւոր
հաշուով
կը
դնենք
456-ին,
պարզապէս
ծերութեան
եւ
տկարութեան
հետեւանօք: