Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ԳԻՒՏ Ա. ԱՐԱՀԵԶԱՑԻ

284. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբոր Մովսէս մեռաւ, Հայաստանի մէջ կացութիւնը փոքր ի շատէ փոխուած էր: Յազկերտ մեռած էր, որոյ անունն իսկ սարսափ եղած էր բոլոր ազգին: Պերոզ իր գահն ու իշխանութիւնը ամրացնելու մտադիր, կողմնակիցներ եւ համակիրներ շահելու կը հետամտէր, իրօք ալ Հայ նախարարներու կողմէն օգնութիւն գտած էր: Հայաստանի մէջ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան մնացորդներ, եւ Վարդան-Ղեւոնդեան շարժումին վերջիններ, սկսած էին ոգի առնել, եւ հրապարակ նետուելու համար ոգեւորուիլ: Բանտարկեալ նախարարներ, կիսովի ազատուած, Պարսիկ բանակին մէջ կը ծառայէին, Ատրորմիզդ աւելի եւս թոյլատու էր Հայոց ներքին ու կրօնական գործերու մասին: Ըստ այսմ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը բոլորովին տարբեր ուղղութեամբ կատարուեցաւ: Մանազկերտացիք մէկ կողմ դրուեցան, որոնց մէջ հարկաւ թեկնածուներ չէին պակսեր, եւ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան վերջիններէն մէկ մը, Գիւտ Արահեզացին, կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ: Պարսկաստանի շփոթ կացութիւնը եւ Պերոզի հազիւ թէ իր թագաւորութիւնը ապահոված լինելը, պատեհութիւն ընծայեցին պետական ձեւակերպութիւնները զանց ընելու, եւ պէտք իսկ չտեսան նոր ընտրուած կաթողիկոսին հաստատութիւնը ընդունիլ թագաւորէն: Պերոզ ալ այն ատեն պահանջկոտ չեղաւ այս մասին (ՓԱՐ. 114): Գիւտ ընտրուած ատեն մերձաւորաբար 60-ը անցած պիտի ըլլայ, որով նախապէս գործունէութեան տարիներ ունեցած, եւ երիտասարդութիւնը Սահակի եւ Մեսրոպի կենդանութեան ատեն եւ անոնց աշակերտութեան մէջ անցուցած կ՚ըլլայ: Ինքն իսկ կը յայտնէ, թէ զդպրութիւն գիտութեանս մերոյ եւ զիմաստ բանաւոր ուսմանց յաշխարհին Հոռոմոց ուսեալ եմ (ՓԱՐ. 114), որով հարկ կ՚ըլլայ ըսել, թէ Գիւտ ալ մէկն էր այն խումբէն, որ Սահակի աքսորէն ետքը յունական դպրոցները ղրկուեցաւ 219), բայց ոչ այդ առթիւ եւ ոչ յետոյ Գիւտի անունին չենք հանդիպիր: Պատահական տարբերութիւն մը կարեւոր լուսաբանութիւն մը կու տայ այդ մասին: Եզնիկ երէց իր գաւազանագիրքին մէջ հայրապետիս անունը կը գրէ տէր Գադ (ՍԱՄ. 208), եւ Գադ անունով եպիսկոպոս մը ներկայ կը գտնենք Շահապիվանի ժողովին մէջ 228), Վանանդայ Գադ եպիսկոպոս մըն ալ Արտաշատի ժողովին մէջ 241): Ժամանակագրական բաղդատութիւններն ալ նպաստաւոր են հետեւցնելու, թէ Գադ եպիսկոպոսը միեւնոյն Գիւտ կաթողիկոսն է, որ հայրապետութենէ առաջ Վանանդի վիճակաւորն է եղած: Գիւտ կաթողիկոսին Վանանդի հետ յարաբերութեան յայտնի նշան մըն է եւս, որ ինչչափ ալ ինքն էր ի գաւառէն Տայոց, ի գեղջէն Արահեզւոյ (ՓԱՐ. 110), սակայն աւելի յաճախ իբր Ոթմսեցի կը յիշուի, եւ Ոթմուս Վանանդ գաւառի քաղաքներէն է, որ Գիւտի աքսորէ դառնալէն ետքը, իրեն հաստատուն բնակավայրն ալ եղաւ: Այդ բացատրութիւնը շատ աւելի հաւանական կը գտնենք, քան թէ ենթադրել թէ Տայոց գաւառի Արահեզը եւ Վանանդ գաւառի Ոթմուսը իրարու սահմանակից լինելուն, հաւասարապէս Գիւտի հայրենիք նկատուեցան (ԱՐԱ. 89): Վերջապէս պէտք է ընդունիլ թէ Գիւտ նախընթացաբար գործունեայ եւ արդիւնաւոր դեր մը ունեցած էր, եւ ուխտապահներու հետեւողներուն ուղղիչ եւ ղեկավար ճանչցուած էր, որ հազիւ թէ ասոնք պատեհը կը գտնեն, մէկէն Վանանդի եպիսկոպոսը կաթողիկոսական աթոռ կը բարձրացնեն: Ընտրութեան թուական պէտք է նշանակել 461 տարին, Պերոզի միահեծան թագաւորելէն իբր երկու տարի ետքը:

285. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Յիշեցինք արդէն թէ Պերոզ աքսորեալ նախարարներուն կատարեալ ազատութիւնը յետաձգեց: Այդ յապաղման պատճառ կրնար տալ Հայերուն վրայ եղած սովորական կասկածը, մանաւանդ երկար տառապանքի հետեւանօք անոնց մէջ աճած կծու կսկիծը, բայց մասնաւոր պարագայ մըն ալ եկաւ ընդհանուր կսկիծը զօրացնել: Հայ նախարարներուն կեղծուրացութեան առթիւ 245) իրենց ընկերակից եղած էր Վաչէ Աղուանից թագաւորը, որ ինչչափ ալ յետոյ պահ մը ջանացած էր ինքն ալ քրիստոնէութիւնը հռչակել Հայաստանէն եկող Վարդանի բանակին օգնութեամբ, սակայն Վարդանի արտորնօք մեկնելէն ետքը պարտաւորուած էր նորէն կեղծուրացութեան կերպարանը զգենուլ, եւ մինչեւ իսկ Յազկերտի քրոջ աղջկան հետ ամուսնանալով, իր երկրին հանդարտութիւնը ապահոված էր: Այսպէս յառաջեցին գործերը մինչեւ որ Յազկերտ կենդանի էր, եւ մինչեւ որ երկու արքայորդիներուն ժառանգական պատերազմը սկսաւ: Շփոթ կացութիւնը քաջալերեց Վաչէն, եւ կեղծուրաց վիճակը թօթափել համարձակեցաւ, յայտնապէս քրիստոնէութիւնը յայտարարել եւ Պարսիկներուն դէմ ելնել, ու անոնց հետքը իր երկրէն հեռացնել: Պերոզ իր թագաւորութիւնը ապահովելէն ետքը, մտադրութիւնը դարձուց այն կողմը եւ նորէն Աղուանները հնազանդեցնելու համար պատերազմ բացաւ, բայց Վաչէ Կովկասի Մասքութներէն տասնեւմէկ իշխաններ կամ թագաւորներ իրեն նիզակակից առնելով, քաջութեամբ դիմադրեց Պարսիկներուն: Պերոզ նեղի մտած, նոյնիսկ Հոնաց կամ Քուշանաց գունդերը վարձեց, որք կռուեցան տարի մի ընդ Աղուանից արքայի, եւ թէպէտ մեծամեծ աւերումներ եղան, բայց Աղուանք ու Կովկասայինք չընկճուեցան: Վերջապէս Պերոզ հաւանեցաւ հաշտութիւն կնքել, պայմանաւ որ իր քոյրը եւ քեռորդին իրեն յանձնուին: Վաչէ հաւանեցաւ եւ զմայրն եւ զկինն ետ տանել, որոնք ի բնէ մոգք էին, եւ ինքն ալ կ՚ուզէր բոլորովին երկրէն հեռանալ, եւ հեռաւոր տեղ մը կրօնաւորիլ, բայց վերջէն հաւանեցաւ երկրին մէջ մնալ, բայց միշտ ապաշխարութեան եւ կրօնաւորութեան կեանք մը վարելով (ԵՂԻ. 154): Այդ եղելութեանց համբաւը Հայաստան հասաւ, եւ ամենուն քաջալերական խթան մը եղաւ, Գիւտ կաթողիկոս գեղեցիկ գիր մը ուղղեց Վաչէի, ուր կը յիշէ Լուսաւորչի ժամանակ Ուռնայրի ձեռքով Աղուանից քրիստոնէութիւն ընդունիլը, եւ Վաչէի վերջին արիութիւնը գովելով կը բարձրացնէ անոր հաւատքը, եւ աստուածային վարձուց արժանաւոր լինելը կը վստահեցնէ: Ընտիր եւ զօրաւոր է Գիւտի գիրը, որ զինքն կորովի եւ հմուտ գրչի տէր կը ցուցնէ (ԿԱՂ. Ա. 103-115): Աղուանից խռովութիւնները տեւեցին մինչեւ ի հինգերորդ ամն Պերոզի (ԵՂԻ. 155), այսինքն մինչեւ 641, Գիւտի կաթողիկոսութեան սկիզբը: Վաչէի թէ մակագիրին (ԿԱՂ. Ա. 103), եւ թէ գրութեան մէջ (ԿԱՂ. Ա. 113), Գիւտ պարզապէս իբր եպիսկոպոս յիշուած է, սակայն կաթողիկոսութեան ատեն գրուած լինելը ոճէն ալ կը յայտնուի:

286. ՆԱԽԱՐԱՐՔ ԵՒ ՏԻԿՆԱՅՔ

Աղուանից խռովութիւնները խափանած էին Հայ նախարարներուն կատարեալ ազատութիւնը, թէպէտեւ ռոճիկնին եւ պատիւնին օրըստօրէ աւելցած էր, եւ միշտ կենօք եւ պատուով արձակելու խոստումները կը կրկնուէին: Վերջապէս երբոր միջոց մը եւս անցաւ եւ Պերոզի թագաւորութիւնը մտաւ յամն վեցերորդ, 462-ի գարունին, Հայաստան դառնալնուն հրամանը տրուեցաւ (ԵՂԻ. 155, ՓԱՐ. 110): Այստեղ յարմար կը սեպենք պահ մը յետսահայեաց ակնարկ մը նետել 451-է 462 տարիներուն վրայ, որ եղաւ նախարարներուն տառապանաց միջոցը, զոր իբր տասնամեայ միջոց մը կը դնէ Եղիշէ վերոյիշեալ հաշուով (ԵՂԻ. 146): Աւարայրի ճակատամարտէն ետքն էր, 451-ին, որ Հայաստանէ հեռացուեցան, Տիզբոնի դատաստանէն ետքը Պարսկաստանի մէջ բանտարկուեցան, 454-ին Նիւշապուհ փոխադրուեցան միշտ կապանօք, Ղեւոնդեանց նահատակութենէն ետքը նորէն Վրկանի բերդը տարուեցան, 457-ին կապանքներէ ազատելով Պարսկաստանի մէջ ծառայեցին, 459-ին Պերոզի կողմէ աւելի ընդարձակութիւն տեսան. բայց մինչեւ 462 չկրցան կատարեալ ազատութեամբ իրենց տեղերը դառնալ: Առաջին մասը տանջանքով եւ խիստ տառապանքով, վերջին մասն ալ զգալի զրկումներով, երկարատեւ խոստովանողութիւն մը եղան 37 նախարաներուն համար, որք ամենայն զուարթութեամբ եւ արիութեամբ կրեցին ամէն նեղութիւնները, միշտ մերժելով ուրացութեան առաջարկները, եւ վարձուց ու վայելից հրապոյրները, որոնք իրենց առջեւ կը դրուէին, եթէ յանձն առնէին քրիստոնէութիւնը թողուլ: Իրենցմէ ոչ ոք, ոչ տարիքոտներէն եւ ոչ երիտասարդներէն, վայրկեան մը իսկ միտքէն չանցուց, կեղծուրացութեամբ ալ ազատութիւն ձեռք ձգել: Ներշապուհ Արծրունի, Վահան Ամատունի եւ Շմաւոն Անձեւացի, այդ խումբին գլխաւորները, որք 450-ի կեղծուրացութեան մէջ գտնուած էին, այն ատեն յոյս մը ունէին կազմ ու պատրաստ Հայաստանի մէջ արդիւնաւոր ընդդիմութիւն կազմակերպել, բայց աւեր Հայաստանը չէր կրնար այլեւս այդ ակնկալութիւնը ներշնչել, ուստի իրենք գլուխ եղած` ընկերները արիասիրտ տոկունութեան կը յորդորէին, եւ ամէնքը իբրեւ վանօրէից կրօնաւորներ սաղմոսներով ու երգերով ատեննին կ՚անցընէին: Ցորչափ հոգեւորականները իրենց հետ էին, անոնց առաջնորդութիւնը կը վայելէին. անոնց նահատակութենէն ետքը ծերագոյններ գլխաւորութիւնը ստանձնած էին, իսկ երիտասարդագոյն եւ նուազ վարժ եղողներ, ուսան դպրութիւն հայրենի աշխարհին իւրեանց, եւ եղեւ նոցա այն կերակուր հոգեւոր (ԵՂԻ. 152): Իրենց կենցաղական նեղութեանց վրայ խօսիլ աւելորդ է, քանի որ շղթայակապ բանտարկութեան խստութեանց մէջ կ՚ապրէին: Անոնց կրած նեղութեանց համահաւասարը կամաւորապէս յանձն առած էին, նահատակեալ եւ բանտարկեալ եւ հալածեալ նախարարներուն կիներն ու աղջիկներն ու ազգակիցները, որոնցմէ հինգ հարիւրով չափ յականէ յանուանէ ճանաչեմ կ՚ըսէ Եղիշէ, թէ աւագագոյն եւ թէ կրտսերագոյն եղողներէն (ԵՂԻ. 155): Փարպեցին (ՓԱՐ. 109-110), եւ Եղիշէն(ԵՂԻ. 155-158) ազդու եւ զգայուն կերպով կը նկարագրեն Հայոց աշխարհին փափկասուն տիկիններուն եւ նազելի օրիորդներուն չարքաշ կեանքը, որոնք իրենց զարդերն ու հեշտութիւններն ու ընտանեկան դիւրութիւնները լքած, եւ ամէն տեսակ զրկումներու ինքզինքնին ենթարկած, բոլորովին ճգնողական եւ աղօթական կեանք մը կը վարէին, չկարենալով հարկաւ ինքզինքնուն ներել ամենէն պզտիկ վայելքներն անգամ, երբ իրենց սիրելիները կամ կեանքերնին զոհած էին կամ տառապանաց կեանք մը կը վարէին: Կ՚երեւի 457-է ետքն ալ, երբոր բանտարկեալ նախարարներ մասնաւոր ազատութիւն ստացան, ասդին իրենց ընտանիքները չարքաշ կենցաղնին չփոխեցին, մինչեւ որ իրենց սիրելեաց հետ գրկախառնուելնուն օրը հասաւ:

287. ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Գիւտի վիճակեցաւ աքսորեալ նախարարներուն դարձը ողջունել, երբոր վերջապէս Պերոզի 6-րդ տարին, 462-ին, արտօնուեցան իրենց երկիրը դառնալ, եւ իւրաքանչիւրը իր առաջին տեղը ստանալ եւ սեփական տանուտիրութիւնը վարել: Անոնց անունները տուինք Տիզբոն տարուած ատեննին 263): Պատմիչներ չեն յիշեր թէ անոնցմէ մէկը մեռած կամ պակսած ըլլայ` 12 տարիներուն մէջ, որչափ ինչ անցաւ Հայաստանէ մեկնելնուն եւ Հայաստան դառնալնուն միջեւ: Նեղութիւններ, հիւանդութիւններ եւ վերջին պատերազմներ կրնային մէկին կամ միւսին կեանքը վտանգել, այլ այս մասին բացարձակ լռութիւնը, փաստ մը պիտի նկատուի այդպիսի պարագայի բացակայութեան: Մանաւանդ որ Փարպեցին ամենուն համար կը հաւաստէ, թէ կեցեալք իւրաքանչիւր ըստ սահմանելոյ ի Տեառնէ, վախճանեալք թաղեցան ի դիրս հարց իւրեանց խաղաղութեամբ (ՓԱՐ. 110), որ է ըսել թէ հայրենական երկրէն դուրս օտար հողի վրայ մեռնող եւ թաղուող չեղաւ: Գիւտ կաթողիկոս, այր լի գիտութեամբ հայովս, եւ առաւելեալ յունիւն, յորդասաց բանիւ եւ առատաբուղխ վարդապետութեամբ, եւ իր գերազանց կարողութեամբ հոգեշունչ քարոզներ կը խօսէր, երբոր խնդալից բազմութիւնը Վաղարշապատի կաթողիկէին մէջ սրտագին փառաբանութիւններ կ՚երգէր, եւ ամէնքը հոգեպարար խօսքերով մխիթարուած, եւ օրհնեալք ի բերանոյ սուրբ կաթողիկոսին Գիւտայ, կը ցրուէին ու կ՚երթային ի տունս իւրաքանչիւր (ՓԱՐ. 110): Նոր կեանք մըն էր որ կը սկսէր Հայաստանի մէջ: Երկրին մէջ գլխակոր մնացածներուն վրայ ալ նոր ոգեւորութիւն կը տիրէր, եւ ամէն կողմ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ ազգային զարգացման ջանքեր էին, որք գործնական կերպով կը քաջալերուէին, իրենց հովանաւոր եւ պաշտպան ունենալով քաջարթուն հովուապետը: Նորաբողբոջ երիտասարդութեան մէջ սկսած էին աչքի զարնել, այն վեց մանուկները 282), որք Աշուշայի ապարանքին մէջ սնած ու կրթուած, իրենց նախնեացը Վարդանի եւ Հմայեակի արիական օրինակներով տոգորուած, աքսորանքէ դարձող Համազասպեանի եւ Արշաւիրի խրատներով ոգեւորուած, սկսած էին գամ քան զգամ աճեցնել եւ ծաղկեցնել այն բարի սերմերը, զորս ժրագլուխ տիկինն Ձուիկ, անդստին մատաղ հասակէն ցաներ էր իր զաւակներուն եւ տագերթոռներուն մանկական միտքին ու սիրտին մէջ:

288. ՀԱՆԴԱՐՏ ՄԻՋՈՑԸ

Տասնամեայ միջոց մը կանոնաւոր պաշտօնավարութիւն կրցաւ ունենալ Գիւտ կաթողիկոս, թէպէտ ոչ անմասն ներքին դժուարութիւններէ, ինչպէս պիտի տեսնենք: Մեր պատմագիրներ փորձանքներ եւ տագնապներ նկարագրելու հետամուտ, հանդարտ միջոցներու վրայ մանրամասնութիւններ չեն տար, եւ մենք պարտաւոր ենք կցկտուր յիշատակներ հաւաքելով գոհանալ: Ժամագիրքին ճակատը, զայն կարգադրողներուն յիշատակութեան մէջ որոշակի կը կարդացուի Գիւտայ հայրապետի անունը (ԺԱՄ. 3), ինչ որ կը ցուցնէ թէ եկեղեցական պաշտամունք, Սահակի եւ Մեսրոպի առաջին կարգադրութենէ ետքը 196), սկսած էին տակաւ խանգարուիլ, Սահակի աքսորանքէն մինչեւ նախարարաց դարձը անցնող խռովութեանց եւ շփոթութեանց օրերուն մէջ: Երբ պահ մը եկեղեցին սկսաւ հանդարտութեան նշաններ տեսնել, Գիւտ կաթողիկոս յատուկ մտադրութիւն դարձուց եկեղեցական բարեկարգութիւնները վերանորոգելու, եւ կանոնական ու ծիսական կարգադրութիւնները յարդարելու: Թէպէտեւ ծիսական մատեաններուն մէջ Գիւտի անունով մակագրեալ յատուկ հատուածի մը չենք հանդիպիր, սակայն ընդհանուր կերպով չենք վարանիր զայն իբր երկրորդ կարգադրիչ եւ բարեկարգիչ ճանչնալ: Գիւտի հովուական հսկողութեան նշանակ է նաեւ Դաւիթ Անյաղթի ուղղած համառօտ նամակը, որով կը խնդրէ քրիստոնէութեան նշանակ եղող Խաչին պաշտպանութեան գրուած մը պատրաստել: Անտիոքի կողմերէն եւ Աւլին գիւղէն երեք աղանդաւորներ, Կոստանդին եւ Պետրոս եւ Թէոդորոս անունով, Հայաստան կու գան եւ իրենց մոլորութիւնները կը սկսին քարոզել, ոչ գոլ զՄարիամ ` Աստուածածին, եւ ոչ զԽաչն ` Աստուծոյ խաչ (ԴԱՒ. 100), որ է յայտնապէս Նեստորականաց վարդապետութիւնը, որոնք հետզհետէ զօրացած էին Ասորւոց կողմերը: Գիւտ անոնց գայթակղութիւնը արգիլելու համար Դաւիթ Ներգինացիին կը դիմէ, որպէսզի իր իմաստասիրական հանճարով ուղղափառ վարդապետութեան պաշտպանութիւն ընէ, եւ այս է Բարձրացուցէք սկզբնաւորութեամբ ծանօթ գեղեցիկ ներբողեանը: Որչափ ալ Գիւտ զինքն նամակին ստորագրութեան մէջ Գիւտ գագաշեալ կ՚անուանէ եւ գերեզման ի գարշապար ըսելով, մահու մերձաւոր կը ցուցնէ, եւ իր կեանքին վերջին օրերուն կ՚ուզէ ակնարկել, սակայն միանգամայն Հայոց հոտի հովուապետ (ԴԱՒ. 101) ստորագրելով կը ցուցնէ թէ իր պաշտօնավարութեան առաջին տասնամեակին մէջը կամ վերջերը գրած է այս գիրը, եւ ոչ երկրորդ մասին մէջ, երբ պաշտօնէն քաշուած ու առանձնացեալ կ՚ապրէր Ոթմուսի մէջ: Փոքրիկ յիշատակ մըն ալ Օրբէլեան պահած է: Աւարայրի ճակատամարտէն անմիջապէս ետքը, երբոր Պարսիկներ ամէն կողմ ցրուած աւերածներ կ՚ընէին եւ ուրացութեան չհաւանողները կը կոտորէին, Սիւնեաց նահանգի Վայոց ձոր գաւառին մէջ ալ հարիւրաւոր նահատակուողներ եղան, Աթաշխուտա անուն զօրավարի մը ձեռքով, եւ յատկապէս Եղեգեաց եւ Անգեղձոր եւ Արտաբոյնք եւ Ցաղացքար կոչուած տեղերը, որոնցմէ միայն Մարտիրէ մը յիշուած է անունով, որ Անգեղձորի նահատակներուն գլխաւորն էր: Գիւտ հոգ կը տանէր, որ բոլոր նահատակներուն յիշատակները պատուով պահուին, եւ անկէ քաջալերուելով Վայոցձորցիք ոմանք, Հրեւ եւ Շահիրէտ եւ Աբդիու եւ Արշէն երէց, ձեռնարկեցին իրենց նահատակներուն համար վկայարան մը շինել (ՕՐԲ. Ա. 112), եւ երբոր աւարտեցին Գիւտ անձամբ եկաւ նաւակատիքը տօնել Սիւնեաց Անանիա եպիսկոպոսին հետ: Բազմամբոխ ժողովով ոսկորները կը հաւաքեն եւ փոխեն ի հանգիստ զսուրբսն, եւ ութն օր տօնախմբութիւն կը կատարեն: Ժամանակը կը դրուի յիններորդ ամի Գիւտոյ երանելւոյ Հայոց կաթողիկոսի, յամարան ամսամտին, որ օր հինգ էր ամսոյն (ՕՐԲ. Ա. 113): Թուականը կ՚ըլլայ 468, իսկ ամարան ամսամուտ` եթէ մարգաց ամիսը ուզենք իմանալ, շարժական տոմարով անոր 5-ը Յունիս 1-ին կը հանդիպի այն տարին: Իսկ եթէ ամառնամուտի Յունիս 21-էն առնենք, ամսուան 25-ին պէտք կ՚ըլլայ դնել նաւակատիքի օրը: Իսկ վկայարանին տեղը հին անունով Սրկղօնք կոչուած, Օրբելեանի օրով Խոտորալեզ կը կոչուի եղեր (ՕՐԲ. Ա. 113), զոր Ալիշան կը նոյնացնէ յետին ժամանակներու Բոլորաբերդի եւ այժմեան Պաշկենտի հետ (ՍԻՆ. 130): Որչափ ալ անկարեւոր երեւի յիշատակս, սակայն գլխաւոր արժանիք մը կ՚աւելցնէ Գիւտին, կրօնի եւ ազգի քաջարի նահատակներուն յիշատակին եւ պատուոյն դարձուցած մտադրութիւնը ապացուցանելով:

289. ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Կարծես թէ որեւէ մի վատ ոգի կայ, որ կու գայ մեր ազգին գործերուն վրայ չար շունչ մը փչել, հազիւ թէ լաւութեան նշոյլներ կու գան երեւան: Երբոր երկրին մէջ ուխտապահներու կողմը կը սկսէր ոգեւորուիլ, եւ Գիւտի հովանաւորութեամբ քրիստոնէական կարգեր կը սկսէին զօրանալ, այդ բանը չէր կրնար դիւր գալ այն նախարարներուն, որոնք Վասակի ժամանակէն Պարսից հաճելի ըլլալու ճամբուն հետեւած էին, ոչ թէ քաղաքականութեան արտաքին տեսակէտով միայն, այլ աւելի հաճելի ըլլալու համար անոնց դենին ալ կը հետեւէին, թէպէտեւ սիրտով ոչ մի ներքին համոզում ունէին, այլ կատակութեամբ զաստուածս գնէին, եւ զաստուածս եւ զանմիտ վաճառականսն ի միասին թշնամանէին: Անոնցմէ շատեր, զտանուտէրութիւնն գնեալ ուրացութեամբ, կը վախնային որ դիրքերնին կը կորսնցնեն: Ազգին առջեւ ալ յարգ չունէին, նոյնիսկ Պարսիկ տէրութեան առջեւ ալ արժանիք չէին վաստկած, մինչեւ որ Պերոզ սովոր էր ըսել, թէ իր հպատակներէն` այր անպիտան եւ գունդ յետին Ասորին է, բայց քան զԱսորի ` Հայն է այր յետին եւ անպիտան (ՓԱՐ. 111): Այս պատճառով իրենց դիրքը չկորսնցնելու համար, քսութեան ստորնութենէ զատ ուրիշ միջոց չունէին: Ուստի սկսան ուխտապահները Պերոզի առջեւ ամբաստանել, իբր տէրութեան անհաւատարիմներ եւ յունական կուսակցութեան հետեւողներ, եւ նոյնիսկ Գիւտ կաթողիկոսին վրայ զրպարտութիւններ ընել: Իրենց աչքին փուշ եղողներէն մէկն ալ Վահան Մամիկոնեանն էր, աւագ որդին սրբոյն Հմայեկայ, որ իբր այր մտացի, առողջախորհուրդ եւ բարեսէր, նոյնիսկ Պարսիկներուն մտադրութիւնը գրաւած էր, այլ կասկածանօք կը վարուէին անոր հետ լսելով զնախանձորդացն զբանսարկութիւն (ՓԱՐ. 112): Այդ նախանձորդներու խումբին գլխաւոր վարիչն էր Գադիշոյ Խորխոռունի, որ Վասակի ժամանակէն անոր ջերմ գործակիցն էր, եւ որ կը ջանար կաթողիկոսը իր ազդեցութեան ներքեւ առնել, սակայն Գիւտ չէր կրնար ոչ Գադիշոյի եւ ոչ անոր ընկերներուն մտերիմն ըլլալ: Քանի այդ հակառակութիւնները կը զօրանային, ուխտապահներու կողմը իրենց պաշտպանութեան կերպեր մտածելու կը պարտաւորուէին, մինչեւ իսկ կը դիմէին Լեւոն Ա. Թրակացի կայսեր` որ Մարկիանոսի յաջորդած էր 457-էն ի վեր: Գաղտնի դիմումներ միանգամ եւ երկիցս կրկնուեցան, խոստումներ ալ ստացուեցան, բայց իրական օգնութիւն չէր հասներ երբեք, եւ ի զուր կասկածանաց առիթ տրուած կ՚ըլլար ուխտանենգներուն քսութեանց: Նախարարներէն ոմանք ալ, ինչպէս Բաբիկ Սիւնի` Վասակի որդիէն տարբեր նախարարազուն մը, եւ Սահակ Ամատունի, աքսորէ դարձողներուն թիւէն, հոգեսպանութեան վտանգէն վախնալով լաւագոյն կը սեպէին, ամէն ինչ թողուլ, եւ անապատական կեանքի նուիրուելով ի ծերպս վիմաց եւ կամ ի մացառուտ տեղիս ապաւինիլ, որպէսզի վերահաս նոր արկածներուն ականատես չըլլան:

290. ԳԻՒՏԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

Պերոզ, որ Հայ նախարարներուն ազատարարն էր եղած, սիրտով բարեսէր եւ ուղղութեամբը լաւ մէկը չէր: Տեսակ մը ստիպումով տուած էր ազատութիւնը, այն ալ շատ մը քաշկռտուքներէ ետքը, ինչպէս տեսանք: Անձնական շահն էր եղած Պերոզի շարժառիթը, ապա թէ ոչ իր հալածիչ հօրմէն տարբերութիւն չունէր: Ատրորմիզդի հաշտարար մարզպանութիւնն ալ վերջացած էր, չենք գիտեր թէ մահուամբ կամ պաշտօնանկութեամբ, եւ 464-ին անոր յաջորդած էր Ատրվշնասպ Յողմանդեան, եւ իր նախորդին ուղղութեան հակառակ ընթացքի ձեռնարկած: Շարունակ կրկնուած քսութիւններ եւ զրպարտութիւններ իրենց արդիւնքն ունեցան վերջապէս: Յոյներու հետ բանակցութեանց լուրը աւելի եւս հաստատեց ամբաստանութիւնները, եւ Պերոզ հրաման ըրաւ եւ Գիւտ կաթողիկոսը Տիզբոն կանչեց քննելու եւ դատելու համար: Գիւտ առանց դժուարութիւն յարուցանելու համակերպեցաւ, եւ ինքնին Տիզբոն հասաւ 471-ին, ուր պատուաւոր ընդունելութիւն մը ըրին իրեն Պարսիկ քրիստոնեաները, Տիզբոնի եւ Խուժաստանի եւ Հրեւի եպիսկոպոսին` այսինքն Պարսկաստանի պատրիարքին գլխաւորութեամբ: Պերոզ իր առջեւը չհանեց կաթողիկոսը, այլ Աշտատ զօրավարի որդի Յըզատվշնասպ Միհրանի յանձնեց անկէ բացատրութիւններ ուզել Գադիշոյ Խորխոռունիի ամբաստանութեանց վրայ: Գիւտ համարձակութեամբ պատասխանեց ամէն հարցումներուն: Գադիշոյի եւ անոր ընկերներուն դէմ ունեցած հակառակութեան մասին ըսաւ, թէ չի կրնար ուրացեալներու մտերիմ եւ բարեկամ ըլլալ, թէպէտեւ անոնց դարձին կը փափաքի եւ կ՚աղօթէ, եւ մինչեւ իսկ զոհողութեանց ալ պատրաստ է: Յոյներու հետ յարաբերութեանց համար ըսաւ, թէ այնտեղ ուսում առած լինելուն հին ընկերներ ունի, եւ թէ եկեղեցիին սպասները այնտեղէն բերել տալ պարտաւոր է, ուրիշ տեղ չգտնուելուն համար: Իսկ հաւատարմութեան մասին ըսաւ թէ իր կրօնքն իսկ այդպէս կը հրամայէ եւ ինքն ալ ըստ այնմ կը վարուի: Պատասխանները գոհացուցիչ երեւցան Պերոզի աչքին, սակայն չուզեց առիթը կորսնցնել, ուստի առաջարկել տուաւ, որ իրենց դենը ընդունի, որպէսզի ունեցած պաշտօնը պահէ, զոր մինչեւ հիմա առանց թագաւորին հաստատութեան պահած է, եւ մեծամեծ պատիւներ եւ ընծաներ ստանայ, ապա թէ ոչ պաշտօնէն ալ, եպիսկոպոսութենէն ալ կը զրկէ: Գիւտ փափաք յայտնեց ուղղակի Պերոզի առջեւ խօսիլ, բայց Յըզատվշնասպի պնդելուն վրայ պատասխանեց, թէ կաթողիկոսութեան ծանրութենէն ազատելուն գոհ կ՚ըլլայ, թէ եպիսկոպոսութիւնը թագաւորը չի կրնար առնել, եւ թէ ոչ մի պայմանով քրիստոնէութիւնը չ՚ուրանար, եւ իրենց անպիտան եւ գարշելի օրինաց չի հետեւիր. իսկ խոստացուած ոսկիները անարգանք կը համարի: Յըզատվշնասպ ստիպեալ հաղորդեց թագաւորին Գիւտի խիստ խօսքերը: Պերոզ զայրացաւ իրեն եւ իրեն կրօնքին եղած անարգանքին, բայց մտաբերելով չուզեց ոչ սպաննել եւ ոչ բանտարկել, ոչ տամ, ըսաւ, համբուրել զկապանս նորա, եւ ոչ երկիրպագանել ոսկերաց նորա, եւ աւելցուց. կաց ուր եւ կամիս, բայց ի գործոյ կաթողիկոսութեանդ հեռի ես, եւ չէ քո (ՓԱՐ. 113-115): Ասոր վրայ Գիւտ միջոց մը Տիզբոնի մէջ մնաց, Փարպեցին կ՚ըսէ, ըստ իւրում կամելոյ, բայց գուցէ Տիզբոնէ մեկնելու արտօնութիւնը շուտով չտրուեցաւ: Այնտեղ ալ քրիստոնէից խնամքով զբաղեցաւ, ձեռնադրութիւններ կատարեց, եւ հաւանաբար այս ալ Պերոզի աչքին հաճելի չըլլալուն, իրեն տեղը ղրկուեցաւ, բայց հայրապետանոց չդարձաւ, այլ Ոթմուս քաշուեցաւ, եւ այնտեղ ապրեցաւ առաւելապէս պատուովք քան զառաջինն (ՓԱՐ. 116), որովհետեւ ազգը չդադրեցաւ իր սուրբ կաթողիկոսին իշխանութիւնը յարգելէ, ինչպէս ըրած էր կանխաւ Սահակի հետ: Գիւտի Ոթմուսը եղաւ ինչ որ եղած էր Սահակի Բագրեւանդը, հոգեւորական եւ իսկական կաթողիկոսութեան աթոռը: Գիւտ հարկաւ ուրախ էր այդ վիճակին մէջ, որովհետեւ ազատ էր շատ մը տաղտկալից գործերէ, բայց տրտում էր, կ՚ըսէ Փարպեցին, խոստովանողութեան եւ մարտիրոսութեան փառքէն զրկուած ըլլալուն համար(ՓԱՐ. 116):

291. ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գիւտի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը շատ տարբեր թիւերով նշանակուած է պատմագիրներէն եւ գաւազանագիրներէն, բայց աւելի տիրող թիւերն են 9 կամ 10, եւ 15 կամ 17: Առաջին զոյգը շուտով կը մեկնուի կիսատ տարւոյ մը ամբողջ համրուելովը կամ բնաւ չհամրուելովը, եւ երկրորդ զոյգն ալ Ե եւ Է թուատառերուն իրարու փոխանակուելովը, ինչ որ շատ յաճախ կը հանդիպի գրչագիրներու մէջ: Իսկ երկու տարբեր տեւողութեան հաշիւը իր արդարացումը կ՚ունենայ Գիւտի կաթողիկոսութեան իրարմէ տարբեր առմանց մէջ, մէկը ընտրութենէն մինչեւ Տիզբոն երթալը, եւ միւսը ընտրութենէն մինչեւ մահը: Թագաւորական հրամանով կաթողիկոսութենէ զրկուելէն ետքը Ոթմուսի առանձնութեան տարիները, ոմանք իբրեւ իսկական կաթողիկոսութիւն համրած են, եւ ոմանք զայն օրինական դադարման ձեւով նկատած: Մեր տեսութեան եւ ազգին ըմբռնման եւ եկեղեցական կանոնաց համեմատ, Գիւտ թագաւորական զրկմամբ իր հոգեւորական իրաւասութիւնը չկորսնցուց, եւ իսկապէս կաթողիկոս մնաց, եւ ինչպէս Սահակի տարիները կը հաշուուին մինչեւ իր մահը, միեւնոյն կերպով Գիւտի կաթողիկոսութիւնն ալ մինչեւ մահը կը համրենք եւ անոր 17 տարւոյ տեւողութիւն մը կու տանք 461-էն մինչեւ 478: Ժամանակագրական քննութիւններ եւ ժամանակագրական պահանջներ կ՚արդարացնեն այդ հաշիւը, որուն մանրազնին բացատրութեանց մտնելը աւելորդ կը սեպենք: Վարդան պատմիչ զրոյց մը կը յիշէ, թէ կէսք ասեն, որ Գիւտ եւ Մանդակունի ի միում ժամանակի պաշտօն վարած են, Գիւտ` Յունաց եւ Յովհան` Պարսից կողմը (ՎԱՐ. 55), մինչ ժամանակակիցն Փարպեցի այսպիսի ակնարկ մը չունի: Այս տեսակ անհիմն ենթադրութիւններ կազմուած են յետնագոյններէն ժամանակագրական անճշդութեանց մէջէն ելնելու համար. օրինակ իմն նոյն Վարդանի ըսելը, թէ ի լինել ժողովոյն Քաղկեդոնի, վախճանեալ էր Գիւտ (ՎԱՐ. 54): Հետեւաբար բոլորովին աւելորդ կը սեպենք զբաղիլ անհիմն զրոյցով, զոր կէսք ասեն եղեր:

292. ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Խնդիր է ճշդել թէ ինչպէս անցան Գիւտի կաթողիկոսութեան երկրորդ մասին տարիները, եւ ինչ կերպարան ունէր այդ միջոցին կաթողիկոսական աթոռը պաշտօնական տեսակէտէն: Փարպեցին, որ միակ ժամանակակից եւ ճշգրտապատում գրողն է, մեզի ամենեւին տեղեկութիւն չի տար այդ մասին, եւ Գիւտի առանձնութիւնն ալ իբր գործէ քաշուած կացութիւն մը չի ցուցներ, այլ կեցեալ առաւելապէս պատուովք բացատրութիւնը` կաթողիկոսութիւնը պահած լինելուն նշանակութիւնն ունի, եւ մեռած ատեն եթող օրհնութեամբ զամենայն ժողովուրդն ըսելն ալ (ՓԱՐ. 116), անկէ առաջ ժողովուրդը թողած չլինելը կը հաստատէ: Ոչ տեղապահի անուն կայ յիշուած, եւ ոչ հակաթոռի, ինչպէս Սահակի ատեն դրուեցան, եւ Գիւտի մահուընէ անմիջապէս ետքը սրբոյ կաթողիկոսին Յոհանայ անունը կը յիշուի: Հետեւապէս բոլորովին մտացածին եւ անհիմն կը դառնայ Չամչեանի գրածը, թէ Պերոզ արքայ ետ դնել փոխանակ Գիւտայ ` կաթողիկոս ի վերայ Հայոց զՔրիստափոր յազգէ Արծրունեաց (ՉԱՄ. Բ. 152), որուն առանց անդրադառնալու եւ առանց հետազննելու հետեւեցան առձեռն պատմութեան նոր հեղինակներ, եւ Քրիստափոր Ա. Արծրունի անունով կաթողիկոս մը ստեղծուեցաւ Հայոց աթոռին վրայ: Չամչեան իբր միակ աղբիւրը կը ցուցնէ Թովմաս Արծրունին, որ առանց յաջորդութեան կարգի եւ առանց ժամանակի նշանակութեան անորոշ կերպով կը գրէ. ի ժամանակին յայնմիկ էր ճոխացեալ պանծալի աթոռակալութեամբ սրբոյն Գրիգորի տէր Քրիստափոր Հայոց կաթողիկոս (ԱՐԾ. 88), ուր ոչ որին յաջորդած եւ ոչ որին նախորդ եղած լինելը յայտնի է, ոչ Պերոզի անուանած լինելը եւ ոչ Արծրունի եղած ըլլալը յիշուած է, որոնց ամէնքը միայն Չամչեանի ենթադրութեամբ ստեղծւած են: Եթէ իրօք Գիւտի պաշտօնանկութեամբ եւ Պերոզի անուանմամբ կաթողիկոսացած ըլլար Քրիստափոր, Սուրմակ Մանազկերտացիի նման հակաթոռ մը պէտք էր ըսուեր, եւ ոչ թէ պանծալի աթոռակալութեամբ ճոխացեալ կաթողիկոս մը: Թող որ հին պատմագիրներէն ալ ոչ մէկը կը ճանչնայ այդ կաթողիկոսը, եւ մեր քննած քսանի չափ ցուցակներէն միայն Չամչեանը եւ կուրօրէն անոր հետեւողները` Քրիստափոր Ա. Արծրունի կաթողիկոս մը կը յիշեն: Եթէ Թովմայի պատմութեան մէջ Քրիստափորի վերագրուած գործերը, այսինքն Ասորւոց հետ ունեցած յարաբերութիւններն ալ գիտենք, պիտի տեսնենք որ անոնք Քրիստափոր Տիրառիջցիին ըրածներն են, ինչպէս իր կարգին պիտի պատմենք: Ըստ այսմ, Քրիստափոր Արծրունի անունով անգոյ անձին կաթողիկոսութիւնը չընդունելով, պէտք է ըսել, թէ Գիւտի պետական պաշտօնազրկութենէն ետքը, ոչ ազգին եւ ոչ պետութեան կողմէն կաթողիկոսութեան նոր աթոռակալ մը տալու հոգ չտարուեցաւ, այլ Գիւտ, թէպէտ Վաղարշապատի հայրապետանոցէն հեռու, սակայն Ոթմուսի բնակութենէն կանոնաւորապէս շարունակեց ազգին հովուապետութիւնը: Բայց Գիւտ ծեր էր եւ առանձնութենէն չէր հեռանար, ուստի անհաւանական չէ որ իրեն քով օգնական մը ունեցած ըլլայ ծանր աշխատութեանց եւ տեղափոխութեանց մէջ իրեն օժանդակելու համար, եւ այս գործը կատարելու յարմարագոյն անձն էր Յովհան Մանդակունին, որ մահուընէ ետքը անմիջապէս անոր յաջորդեց: Այս վերջին ենթադրութիւնն ալ, որչափ եւ ժամանակակիցներէ յիշուած չըլլայ, սակայն պատմութեան նախընթաց եւ հետեւորդ պարագաներուն հետ սերտ միաւորութեամբ կապուած է, եւ կատարեալ կերպով ճշմարտանման կը ներկայանայ:

293. ԴՈՒԻՆԻ ԱՏՐՈՒՇԱՆԸ

Յովհաննէս Պատմաբան կը գրէ, թէ Հայոց թագաւորութեան դադարելէն ետքը, Շաւասպ Արծրունի ուրացեալ եւ Վնդոյ Պարսիկ հրապաշտութեան մեհեան մը կը շինեն ի Դուին, եւ Վնդոյի որդին Շերոյն ալ քրմապետ կը դնեն: Վարդան Մամիկոնեան գունդի մը գլուխ Դուին կը յարձակի, մեհեանը կը կործանէ, Շաւասպը կը մեռցնէ, Վնդոյն կ՚այրէ, Շերոյն կը կախէ, Մշկան մարզպանը կը հալածէ, մեհեանին տեղը Ս. Գրիգորի կաթողիկէն կը շինէ, եւ Գիւտ կաթողիկոսը այնտեղ կը բերէ (ՅՈՎ. 77): Միեւնոյն բանը տարբեր կերպով յառաջ կը բերէ Թովմաս Արծրունի: Շաւասպ Արծրունի, Վասակի եղբայր եւ Ազանի հօրեղբայր, Պերոզի ատեն կ՚ուրանայ, եւ Վնդոյ մարզպանի հետ կրակապաշտութեան մեհեան կը շինեն Արտաշատի մէջ: Վարդան Մամիկոնեան, որ Մոկաց Զռղայլ ամրոցը կը մնար, Մամիկոնեան եւ Ռշտունի եւ Անձեւացի գունդերէն 1200 հոգիով կը յարձակի, Շաւասպը կը սպաննէ, Վնդոյն եւ Շերոյն Դուին կը տանի, Վնդոյն եւ Շերոյն կ՚այրէ, մեհեանին տեղը Ս. Գրիգորի կաթողիկէն կը հիմնէ, եւ Գիւտ կաթողիկոսն ալ այնտեղ կը փոխադրէ (ԱՐԾ. 84-86): Ուրիշ հետագաներ ալ սոյն պատմութիւնը կը կրկնեն թեթեւ փոփոխութիւններով (ՎԱՐ. 53): Յովհան եւ Թովմաս ժամանակակիցներ լինելով, երկուքն ալ ուղղակի բերանացի զրոյցէ առած են իրենց գրածը, քանի որ Եղիշէ ու Փարպեցի այդպիսի յիշատակութիւն չունին: Պատմուածին մէջ ալ այնչափ իրարու անյարիր եւ անկապակից պարագաներ կան, որ ամբողջ եղելութիւնը կեղակարծ զրոյց մը նկատելու իրաւունք կու տան: Վարդան ու Գիւտ երբեք գործակից չեն կրնար ենթադրուիլ, Պերոզի օրով Վարդան այլեւս չկար, մեհեանի տեղն իսկ շփոթ է, Մշկան եւ Վնդոյ մարզպաններ չեն եղած, Վարդանի գործերը ժամանակակիցներէն ճշդուած ըլլալով, Շաւասպի մեհեանին կործանումը տեղի չունի անոնց մէջ: Բայց մենք փոխանակ հիմնովին կեղակարծ եւ մտացածին նկատելու այդ պատմութիւնը, կը մտածենք թէ շատ անգամ անունի մը շփոթութիւնն է, որ եղելութիւնը կը խանգարէ, եւ անունը ուղղուելով գործը իր կարգին կը մտնէ: Ըստ այսմ, եթէ այստեղ ալ Վարդանի տեղ, Վարդանի հոգւոյն ըստ ամենայնի ժառանգ եւ անոր ընթացից նմանող, նորա եղբօրորդին Վահանը առնենք, իրողութիւնը շատ դիւրաւ իր տեղը կը գտնէ: Նախ Պերոզի եւ Գիւտի ժամանակները կ՚արդարանան, Շաւասպի ուրացութիւնը եւ մեհենաշինութիւնը դժուարութեան չի հանդիպիր, վասնզի Գիւտի քաշուելէն ետքը ուխտանենգները աւելի երես առած էին. Մաղխազն Գադիշոյ եւ ժողովեալք առ նա դասք ուրացողացն ուրախանային զառժամանակեայ թաղծալից ուրախութիւն կենցաղոյս (ՓԱՐ. 116): Վահան Մամիկոնեան ալ ասպարէզ նետուած եւ գործունեայ դեր ստանձնելու սկսած էր, բուռն գործերու եւ ձեռնարկներու մէջ կը նետուէր համարձակ, այնպէս որ իր հակառակորդներ առիթ կը գտնէին ըսել, թէ ոչ է հնար սմա առանց ապստամբութեան կալ ի Հայս (ՓԱՐ. 116): Այդ պարագաներուն մէջ եւ յեղակարծ զայրոյթի եւ բուռն նախանձայուզութեան միջոցին մեհեան մը կործանել, շատ հաւանական կը դառնայ Վահանի դիրքին մէջ եղողի մը: Թերեւս Վահան երկիրը ոտք հանելու եւ զինեալ դիմադրութեան մը սկզբնաւորութիւն ալ ուզեց ընել, բայց պէտք եղած օգնութիւնն ու յաջողութիւնը չգտաւ: Մեր այս կարծիքը աւելի եւս կը հաստատուի, նկատելով որ ճիշդ այդ միջոցին է, որ Վահան երթեալ ի դուռն, տկարանայր ի հաւատն (ՓԱՐ. 116): Վահանի զգացումները ունեցող մէկու մը, դիւրին չէ առանց բուռն եւ արտասովոր պարագայի մը, մէկէն հաւատքը ուրանալ կամ կեղծաւորութեան դիմել, լոկ նախանձորդներու հակառակութեան եւ քսուներու բանսարկութեան համար: Անոնք այնչափ տարիներէ ի վեր կը շարունակէին, եւ Վահանի տկարանալու առիթ չէին ընծայեր: Բայց բուռն եւ տարաժամ, ըսենք նաեւ` անխորհուրդ քայլի մը առջեւ, ուրիշ կերպ չէր մնար, կամ կեանքի կորուստը յանձն առնուլ, եւ կամ կեղծուրացութեամբ կեանքը գնել: Վահան ալ մղուած էր այն դիտումէն, զոր Վարդան եւ ընկերները Տիզբոնի մէջ ունեցան, իրենց գործունէութեան ասպարէզը չփակել, այլ անգամ մը ազատելով կարենալ դիմադրութիւն կազմակերպել: Վահան ալ չվարանեցաւ բռնել այն ճամբան, ուսկից գացեր էր իր հօրեղբայրն ու օրինակելի տիպարը: Հազիւ թէ բուռն նախանձայուզութենէն սթափած, վտանգը կը զգայ, եւ առանց թողլու որ ուրիշներ զինքն ամբաստանեն, ինքն կը փութայ Տիզբոն երթալ, արքունի դուռը ներկայանալ, եւ կամաւոր, բայց կեղծ, ուրացութեամբ իր կեանքը գնել, վստահութիւն շահիլ, եւ Հայաստան դառնալ:

294. ԳԻՒՏԻ ՄԱՀԸ

Կը մնան Դուինի քանդուած մեհեանին տեղ կաթողիկէ մը հիմնարկելու, եւ Գիւտ կաթողիկոսն ալ այնտեղ փոխադրելու պարագաները: Նախ Գիւտ ծերացած եւ քաշուած էր այդ միջոցին, Վաղարշապատի հայրապետանոցէն ալ հեռու կ՚ապրէր, որով թէ' պաշտօնապէս եւ թէ' անձնապէս չէր կրնար նա Դուին երթալ եւ նոր կաթողիկէ մը ու հայրապետանոց մը նուիրագործել: Վահանի ալ անհնար էր փառաւոր հիմնարկէքի մը ձեռնարկել այսպիսի տագնապալի կացութեան մէջ, ուր իր ապահովութիւնն իսկ կեղծուրացութեան մէջ կը փնտռէր: Թերեւս Գիւտի օրհնութեան արժանացած ըլլայ իր նախանձայոյզ ձեռնարկին համար, իսկ կաթողիկէի հիմնարկէքը կրնար միայն ընել, երբոր իր փառաւոր յաղթանակէն ետքը Հայաստանի մարզպան եղաւ, եւ երկրին բախտը իրեն յանձնուեցաւ եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան աշխատելու իշխանութիւն եւ ազատութիւն ունեցաւ: Գիւտի ատեն տակաւին հայրապետանոցի փոխադրութիւն չէր եղած, վասնզի Մանդակունին ալ իր կաթողիկոսութեան առաջին մասին մէջ, միշտ Վաղարշապատի կաթողիկէին մէջ կը կատարէր հայրապետական տօնախմբութիւնները եւ գործողութիւնները: Երկրին պարագաներն ալ նպաստաւոր չէին տեղափոխութիւն ընելու, եւ ինչպէս ըսինք աչքի զարնող գործերէն ձեռք քաշած էր Գիւտ` իր վերջին տարիներուն մէջ: Հաստատուն աւանդութիւն մը եղած պիտի ըլլայ ազգին մէջ, որ Դըւնոյ կաթողիկէն, ուր ետքը այնչափ դարեր նստեցան կաթողիկոսները, քանդուած ատրուշանի մը տեղը եղած է, ինչպէս Վաղարշապատի կաթողիկէն ալ Սանդարամետի մեհեանին տեղը կառուցուած էր: Աւանդութիւնը իր բնական մեկնութիւնը կը գտնէ, երբոր ընդունինք թէ Վահան Մամիկոնեան, երբ Դըւնայ մէջ կը նստէր մարզպանական լիազօր իշխանութեամբ, այն ատեն հիմնարկեց Ս. Գրիգորի կաթողիկէն եւ հայրապետանոցը, նոյն այն տեղը, ուր տարիներ առաջ նոյն Վահան` բուռն նախանձայուզութեան միջոցին կրակատուն մը քանդած էր: Ինչպէս Դուինի մեհեանին քանդուելուն եւ Վահանի կեղծուրացութեան պատմութիւնը հաւանական մեկնութեանց վրայ հիմնեցինք, նոյնպէս թուականն ալ լոկ հաւանականութեամբ կրնանք դնել մերձաւորաբար 476-ին, Գիւտի կեանքին վերջերը, որ հանգչէր երկայն ծերութեամբ (ՓԱՐ. 116). այսինքն սովորականէն աւելի երկար ծերութեան հասնելով, ինչ որ իրաւունք կու տայ զինքն ութսունը անցնելէն ետքը վախճանած ըսելու 478-ին: Գիւտի կեանքը իր ազգաշէն գործունէութեամբ, եկեղեցական բարեկարգութեամբ, հովուական արդիւնքներով, եւ խոստովանողական տառապանքներով, կատարելապէս յարեւնման է սրբազան հայրապետներէն ընտրելագոյններուն, եւ կատարեալ ընդօրինակութիւն մըն է Սահակի բազմավաստակ եւ բազմաչարչար կաթողիկոսութեան: Կը զարմանանք թէ ինչու եկեղեցին չէ փութացած անոր անունը անցընել իր տօնելի սուրբերուն շարքին, որուն շնորհիւ հրաշքներ ալ գործուած լինելը կը յիշէ Փարպեցին, թէ իւրաքանչիւր ախտից գտանէին զբժշկութիւն յաղօթից սրբոյն (ՓԱՐ. 116): Յայսմաւուրքն իսկ զանց ըրած է անոր յիշատակը, բայց մենք ընդհանուր զգացմանց եւ պատմական ստուգութեանց թարգման լինել կը կարծենք, Գիւտի սրբութիւնը հռչակելով, եւ Փարպեցւոյն ձայնակցութեամբ` Սուրբ տիտղոսով մակագրելով անոր անունը: Գիւտ թաղուած է Ոթմուսի մէջ, ի դիրս հարց իւրոց (ՓԱՐ. 116), որ աւելի քան հայրենական դամբանի, պարզապէս յաւելաւ առ հարս իւր բացատրութեան իմաստն ունենալ կ՚երեւի:

295. ՎԵՐՋԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Գիւտի մահուան միջոցին արդէն վախճանած պիտի սեպուին Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան մնացորդները, նկատելով ժամանակի հեռաւորութիւնը, եւ նոյնիսկ կրտսերագոյններէն եղող Գիւտի երկար ծերութեամբ վախճանած լինելը: Հետեւաբար պէտք կը զգանք յիշել այստեղ անոնցմէ ոմանց անունները, զորս զանց ըրինք Յովսէփ կաթողիկոսի պատմութեան վերջը յառաջ բերել: Այս կարգին ամենէն առաջ կը ներկայանան այն երեք աւելի հռչակեալ թարգմանիչները, Եղիշէ վարդապետ, Մովսէս Խորենացի եւ Դաւիթ Ներգինացի` Անյաղթ փիլիսոփայ մականուանեալ, որոնք իբրեւ տօնելի սուրբեր ալ ընդունուած են այժմ եկեղեցւոյ մէջ, դիտելով սակայն որ հնագոյն տօնացոյցերուն մէջ միայն Եղիշէ է որ Մեսրոպի տօնակից կը նշանակուի, եւ ԺԴ դարու ձեռագիրներն ալ չունին Մովսէսի եւ Դաւիթի անունները (ԳՈՅ), որք աւելի ուշ աւելցած են: Ճշդիւ չենք գիտեր թէ ինչ տեսութեամբ նախ Եղիշէ միայն տօնելիներուն կարգը անցած է, եւ զանց եղած են միւս երկուքը, եւ բոլոր ուրիշ թարգմանիչները, նոյնիսկ Գիւտի նման խոստովանող հայրապետ մը, եւ Եզնիկի նման քրիստոնէական վարդապետութեան պաշտպան մը: Իրաւ Եղիշէի եւ Խորենացիի անունով ծանօթ պատմական գիրքերը, եւ Դաւիթի անունով եղած իմաստասիրական գրուածները մեծ փայլ մը տուած են անոնց անունին, սակայն այսչափը միայն սրբութեան փաստ չէին կրնար ըլլալ, եթէ հալածուած ըլլալուն աւանդութիւնն ալ չըլլար: Այսուհանդերձ ոչ մէկուն վրայ պատմական ստուգութեամբ զօրացած տեղեկութիւններ չունինք: Նոյնիսկ իրենց վերագրուած մատենագրութիւններն ալ` իրենց կը զլացուին այսօր խստապահանջ քննադատներէն: Արդէն բազմացած են Խորենացիի պատմութիւնը Է դարու գործ ընդունողներ եւ Ե դարուն մէջ ապրող Խորենացին իբր կեղծանուն նկատել` վերջին ժամանակներ նոյն պատմութեան կցուած, ինչպէս մենք ալ պատմագիր Մովսէս քերթողահայրը (ԱՐԾ. 82) Խորանացիէն աւելի Սիւնեցիին վրայ իմանալու կարծիքը յայտնած ենք (90 ԱՄՍ. 245): Վարդանանց պատմութեան հեղինակին Եղիշէ անունն ալ կեղծանուն ըսողներ եղան (ԲԱԲ. 63): Սակայն մատենագրական քննադատութիւնը մեր պատմագրական նպատակէն օտար կը սեպենք, եւ կը բաւականանանք մեր եկեղեցւոյն ընթացքին եւ մեր եկեղեցւոյն նշանաւոր գործիչներուն նկատմամբ յառաջ բերել այն եղելութիւնները, որք ստոյգ կամ հաւանական կը ներկայանան, բաւական է որ պատմական բովանդակութեան հետ հակասող չըլլան:

296. ԵՂԻՇԷ ՊԱՏՄԱԲԱՆ

Եղիշէ, պարզ վարդապետ անունով նշանակուած է իր պատմութեան մակագիրին մէջ, ինչ որ կրնայ համիմաստ առնուիլ, քահանայ կոչման հետ (ԲԱԲ. 58), որով տեղ մը նշանակած է զայն Թովմաս(ԱՐԾ. 26), եւ բնաւ դժուարութիւն չի յարուցաներ, որ նոյնացնենք Շահապիվանի ժողովին Եղիշէ երէցին հետ 228), եւ յետոյ իբր Ամատունեաց եպիսկոպոս ներկայ եղած ըսենք Աշտիշատի ժողովին 241), ինչպէս ուրիշ անուններու վրայ ալ նկատեցինք 279): Եղիշէի յատուկ պատմութիւն մը կ՚ըսէ (ՍՈՓ. ԺԱ. 49), թէ նախապէս զինուոր եղած է: Վարդանի ընկերակցած եւ պատմութիւնը գրած, յետոյ գիրս կանոնականս ալ հեղինակած, որ եկեղեցական մը լինելը կը ցուցնէ, ետքէն Մոկաց լեռները ճգնած, վերջէն Ռշտունեաց ծովեզերքը փոխադրուած, եւ այնտեղ սրբութեամբ վախճանած: Այս վերջին պարագան կը յիշեցնէ այժմեան Ոստանի մէջ, Վանայ լիճին մօտ, Չաղար կամ Չարահան Ս. Նշանի վանքը, ուր կը պատուուի ցայսօր Եղիշէի գերեզմանը: Թովմաս ալ Եղիշէ քահանայ կոչած պատմագիրը, վերջէն իբր վարդապետ կը ներկայացնէ, Մոկաց մէջ բնակող եւ Ռշտունեաց ծովեզերքը վախճանած (ԱՐԾ. 89): Իսկ պատմութեան գիրքին մասին կը յաւելու, թէ Բարծումա Ասորի զայն կարդալու համար հեղինակէն առած ըլլալով, Ներշապուհ Արծրունիի հակառակութենէն վշտացած, Վահան Արծրունիի մասերը Եղիշէի ձեռագիրէն ջնջած եւ այնպէս դարձուցած է, որով Վահան Արծրունիի նահատակութեան յիշատակը կորած է: Սակայն պէտք է դիտել, թէ Եղիշէի գիրքէն Արծրունեաց յիշատակը ջնջուած չէ, զի եթէ Վահան չի յիշուիր, Ներշապուհ Արծրունի նշանաւոր դեր մը կը վարէ ամէն պարագայի մէջ, եւ նոյնիսկ Աւարայրի ճակատամարտին մէջ կեդրոնի գունդին հրամանատար եղած ըլլալը յիշուած է (ԵՂԻ. 77, 90): Ինչ որ մեր կարծեօք աչքի կը զարնէ, Խորենացիէն եւ Փարպեցիէն յիշուած Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտաց կարգին Եղիշէի անունին չյիշուիլն է, որուն անգամ մը միայն կը հանդիպինք Սահակի անանուն կենսագրութեան մէջ (ՍՈՓ. Բ. 14), թէպէտ այս լռութիւնը կրնանք վերագրել Եղիշէի Հայաստանէ հեռացած չլինելուն: Եթէ աւանդական կէտերը բոլորովին չանարգենք, եւ եթէ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտաց կեանքին ընդհանուր ձեւը իբր ուղեցոյց առնենք, Եղիշէն ալ այն բազմաթիւ երէցներէն մէկը կ՚ըլլայ, որք Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութիւնը կազմեցին եւ իր ընկերներուն նման եպիսկոպոսութեան ալ բարձրանալով` Արտաշատի ժողովին ներկայ Ամատունեաց Եղիշէ եպիսկոպոսը եղած պիտի ըլլայ: Երբոր կացութիւնը կը փոխուի Աւարայրի ճակատամարտէն ետքը, Մանազկերտացի Մելիտէի եւ Մովսէսի օրով հալածուողներէն գլխաւորը եղած է Եղիշէ, իբրեւ Վարդանի եւ իր շարժումին փառաբանողը: Այս պատճառով պարտաւորուած է հրապարակէ քաշուիլ եւ ճգնողական կեանք մը ստանձնել, տեղերն ալ փոփոխելով ապահովութեան համար, մինչեւ որ սրբութեամբ կը վախճանի մոռացուած վիճակի մէջ (ՍՈՓ. ԺԱ. 43): Իսկ մահուան ժամանակին համար, մեր կարծեօք նկատողութեան արժանի է, որ Պերոզի հինգերորդ տարին նախարարաց մասնակի արձակուրդը գիտէ, եւ միւս` վեցերորդ տարին բոլորովին արձակելու խոստումն ալ իմացած է (ԵՂԻ. 155), բայց խոստման գործադրութիւնը եւ նախարարաց դարձը չի գիտեր ու չի պատմեր: Բայց ի տեղի այսր ինձ դարձեալ գալ պիտի, կ՚ըսէ, այսինքն արձակուիլն ալ գրելու միտք ունի, բայց գրելու չի հասնիր: Նոյնիսկ արտաքոյ եօթն հեղինակին ութերորդ մակագրութիւնն ալ (ԵՂԻ. 110) կը ցուցնէ, թէ իր պատմութիւնը փակած էր արդէն գրեցաւ յիշատակարանս վերջաբանով (ԵՂԻ. 109), եւ ետքէն իբր յաւելուած գրեց Ղեւոնդեանց եւ նախարարաց պատմութիւնը, եւ մտադիր էր նոր յաւելուած մըն ալ գրել նախարարաց դարձին համար, եթէ մահը չկանխէր: Այդ պարագաները կ՚արդարացնեն եւս, թէ ինչո՞ւ հինէն բոլոր թարգմանիչներուն մէջէն միմիայն Եղիշէն Մեսրոպի տօնակից եղած է, իբր Վարդանանց փառաբանող, իբր հալածեալ եւ իբր ճգնաւոր, որ իր ընկերներուն մէջէն առաջին խոստովանողը եղաւ, եւ իր ընկերներէն փառաւոր յիշատակի արժանացաւ Սահակի եւ Մեսրոպի հետ, ինչ որ ուրիշներուն չվիճակեցաւ: Այս է մեր տեսութեամբ Եղիշէի մասին հաւանականագոյն պատմութիւնը, իսկ մահն ալ հարկ կ՚ըլլայ դնել Գիւտի առաջին տարին 461-ին (49):

297. ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ

Ոչ նուազ մթին է Մովսէս Խորենացիի անունն ու կեանքը (50), հակառակ Մովսէս Խորենացի անունով ճանչցուած պատմութեան տիեզերահռչակ լինելուն: Ասոր անունն ալ միայն Սահակի անանուն կենսագրութեան մէջ անգամ մը յիշուած կը գտնենք (ՍՈՓ. Բ. 14), իսկ բոլոր մնացած ժամանակակիցներ անոր անունը չեն տար: Նոյնիսկ Խորենացի կոչման ծագումն ալ անլուծելի կը մնայ, ցորչափ իբր ծննդավայր կը նշանակուի Տարոնոյ Խորօնք գիւղը, որուն գիւղացիները Խորոնեցի կրնային ըսուիլ, եւ ոչ Խորենացի, որով այդ կոչումը արդարացնելու համար գիւղին անունը Խորնի եւ Խորէն փոխելու ստիպուած են վերջիններ (ՉԱՄ. յաւ. 155): Ասողիկ ալ Մովսէսը առանց ծննդավայրի կոչման կը յիշէ (ԱՍՈ. 81), նոյնպէս եւ Անեցին (ՍԱՄ. 71), եւ Վարդան (ՎԱՐ. 51-55): Իսկ Թովմաս եւ Կիրակոս յաճախակի լոկ քերթող եւ քերթողահայր անունով կը նշանակեն Մովսէսը, այնպէս որ մի կամ երկու տեղ պատահաբար Խորենացի կոչուիլը (ԱՐԾ. 3, ԿԻՐ. 3) յետին գրչագիրի յաւելուած, եւ ոչ հեղինակի բնագիր կրնայ նկատուիլ: Դիտելի է եւս որ Արծրունիին տեսած պատմութիւնը` մինչեւ ի կայսր Զենոն կը հասնի եղեր (ԱՐԾ. 82), եւ չորրորդ դպրութիւն ունի եղեր (ԱՐԾ. 5), ինչ որ մեզի հասած պատմագրութեան չի համապատասխաներ, եւ ոչ ալ Մովսէսի ապրած տարիներուն կը յարմարի: Իսկ Փարպեցին, որ Մովսէսէ ետքն է` Մովսէսի պատմութիւն գրած ըլլալը կ՚անգիտանայ, եւ Ագաթանգեղոսէ եւ Բուզանդէ ետքը իրեն գրելիքը երրորդ պատմութիւնս այս կը դասէ (ՓԱՐ. 2): Ասոնք յիշելով նպատակնիս մատենագրական զննութեանց մտնել չէ, այլ լոկ իբր պատմաբան Մովսէսի կենսագրական պարագաները ճշդել, որոնք շատ տարտամ կը մնան: Մովսէսի անունը որչափ ալ յետին դարերու մէջ տօնացոյցի մէջ աւելցած, սակայն Յայսմաւուրքի մէջ յիշատակութիւնը կը պակսի, եւ այդ կողմէն ալ լուսաբանութիւն մը չենք գտներ: Մովսէս, Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտ, վերջին անգամ յունական դպրոցներ ղրկուածներէն է (ՍՈՓ. Բ. 14), որոնց կը վերագրուի Եդեսիա, Երուսաղէմ, Աղեքսանդրիա, Հռոմ, Աթէնք եւ Բիւզանդիա սաղապաճեմիւ ուղեւորութեան նկարագիրը (ԽՈՐ. 251): Մովսէս, Մամբրէ եւ Դաւիթ մեծ վարդապետներուն մահուանէ ետքը կը դառնան (ՎԱՐ. 54), եւ ժողովրդեան հոգածութեան կը նուիրուին: Մովսէսի համար ընդհանուր կարծիք է, թէ Եզնիկ Կողբացիէ ետքը Բագրեւանդի եպիսկոպոս եղաւ (ԱՍՈ. 83), բայց չենք գիտեր թէ երբ, որովհետեւ 450-ին Եզնիկ դեռ կենդանի էր եւ Արտաշատի ժողովին ներկայ, իսկ Սահակ-Մեսրոպեանց հալածուելուն առթիւ, գլուխը յիշուած է երանելի փիլիսոփայն Մովսէս, զոր տեղւոջէ ի տեղի աբեղեանդ Հայոց հալածական արարին, եւ վերջապէս զխաբէական զեպիսկոպոսութիւնս նման դեղոց մահու արբուցեալ սրբոյն ` հեղձուցին (ՓԱՐ. 202), զոր ի դէպ է իմանալ, թէ իբրեւ խաբէական եպիսկոպոս անարգեցին եւ թունաւորելով սպաննեցին, քանի որ մթին են Փարպեցիին խօսքերը (51): Պատմագրութենէն զատ Խորենացիին կը վերագրուին Հոգւոց վանքին պատկերին պատմութիւնը, Հռիփսիմեանց ներբողը, Պիտոյից գիրքը, Վարդավառի ճառը, ընդհանուր Աշխարհացոյցը (52), շարականներ եւ տաղեր, սակայն քննադատներ երկար տեսութիւններ ունին ասոնց ամենուն վաւերականութեան վրայ:

298. ԴԱՒԻԹ ՆԵՐԳԻՆԱՑԻ

Դաւիթի անունն ալ անանուն կենսագիրը միայն կը յիշէ Անյաղթ մականունովը (ՍՈՓ. Բ. 14), իսկ ժամանակակիցներէն բնաւ յիշուած չէ: Դաւիթ երէց մը յիշուած է Արտաշատի ժողովին ներկաներուն մէջ 241), Դաւիթ Մամիկոնեան երէցի մը կ՚ուղղէ Եղիշէ իր պատմութիւնը (ԵՂԻ. 5), սակայն դժուար է նոյնացնել Անյաղթին հետ: Թերեւս Ներգինացին ալ Մամիկոնեան մըն էր, քանի որ բնիկ էր Հարք գաւառի Ներգին գիւղէն, զոր շատեր կը նոյնացնեն Տարոն գաւառի Արգավանքի հետ: Ազգակցութեամբ Մովսէսի քեռորդին ըսուած է, յունական ուսմանց պարապած, եւ երկար ատեն անոնցմով զբաղած, ինչ որ կը տեսնուի իր դրութեան ոճէն ալ, որ ստրկաբար յունականին հետեւողութիւն է: Անյաղթ փիլիսոփայ կամ պարզապէս Անյաղթ մականունն ալ ստացած է, յատկապէս եւ գրեթէ բացառապէս յունական իմաստասիրութեան պարապած ըլլալուն համար, որոնց շատ մը գիրքերը, եւ մասնաւորապէս Արիստոտէլի եւ Պորփիւրի հեղինակութիւնները, թարգմանած եւ վերլուծած է խրթին հելլենաբանութեամբ: Ազգային շրջանակի մէջ պաշտօն կամ գործունէութիւն ունեցած լինելուն բնաւ յիշատակութիւն չունինք: Խաչի Բարձրացուցէք ներբողեանէն զատ, Ծնունդի ներբողեան մըն ալ իրեն կ վերագրուի (ՉԱՄ. Ա. 539): Ոչ մահն է յայտնի, եւ ոչ ժամանակը, իսկ տօնելի եղած ըլլալուն վրայ հիմնուելով, կը յորդորուինք ըսել թէ հալածեալ մըն ալ եղած է, եւ գուցէ մին է անոնցմէ, զորս Փարպեցին յիշած էր իր թուղթին մէջ, բայց դժբախտաբար այն թերթը ինկած է մեզի հասած օրինակէն (ՓԱՐ. 202): Մովսէսի եւ Դաւիթի եւ ուրիշ վարդապետաց գերեզմանները կը տեսնուին տակաւին Տիրինկատարի Ս. Առաքելոց վանքին պարիսպին ներքեւ, որ այս պատճառով Ս. Թարգմանչաց վանք ալ կոչուած է: Խաչքարերը կը մնան, բայց ոսկորները կը կարծուի թէ չկան, հետեւելով Փարպեցիի գրածին. Զոսկերսն ի գերեզմանէն հանել տային եւ ի գետ արկանել (ՓԱՐ. 202), թէպէտեւ ցարդ ստուգող մը եղած չէ: Իսկ այս անոպայ հալածանքներ եւ գերեզմանկրկիտ ամբարշտութիւններ, զորս Փարպեցի իբր լրացեալ իրողութիւն կը յիշատակէ, հարկաւ Գիւտի եւ Մանդակունիի օրով եղած չէին կրնար ըլլալ, այլ աւելի կանուխ Մելիտէի եւ Մովսէսի ժամանակներուն պէտք է պատշաճեցնել 280):

299. ՄԱՄԲՐԷ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ

Մովսէս եղբայրն է Մամբրէ (ՎԱՐ. 51), հետեւաբար Խորենացի, Վերծանող մականուանեալ (ՄԱԲ. 3), հարկաւ յաջող եւ զօրաւոր ընթերցող մը եղած ըլլալուն համար, աւելի քան թարգմանիչ: Երբ հայերէն թարգմանութիւնը չէր կատարուած, Ս. Գիրքին օտարալեզու բնագիրները կարդալու պաշտօնով Վերծանող -ներ կային, որոնք կրցան յետոյ հայերէն թարգմանութիւնն կարդալու ծառայել: Երեք ճառեր, որոնք Մամբրէի անունով հրատարակուած են, աւելի թարգմանութիւններ են քան հեղինակութիւններ: Իր կեանքին եւ վախճանին վրայ տեղեկութիւններ կը պակսին, եւ Մովսէսի ու Դաւիթի հետ հոգային զտուն կաթողիկոսարանին ըսելն ալ (ՎԱՐ. 54), որոշ բան մը չի յայտներ: Սոյն երեքին անունով եւ Քաղկեդոնի ժողովին նկատմամբ յառաջ բերուած գրուածներն ու բանավէճերը, բնաւ վաւերականութեան նշաններ չունին, եւ աւելի ետքի դարերու գործեր են: Մեզի համար յայտնի է թէ 451-ի ժողովին խնդիրը երկար տարիներ Հայոց մէջ չյուզուեցաւ, եւ անհնարին շփոթութեանց մատնուած երկիրը չէր ալ կրնար այդ տեսակ խնդիրներով զբաղիլ: Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան մասին եղած ցրիւ տեղեկութիւնները ամփոփելու, եւ գոնէ անուններ մոռացութեան չմատնելու համար, հետեւեալ յիշատակութիւններն ալ կը փութանք քաղել: Խոսրովիկ մը կը յիշէ Փարպեցի, որ յունական դպրոցներ գացած էր, եւ դարձած միջոցին, դեռ չհասած հակառակութիւններ սկսան իրեն դէմ, թէ ահա, ու՞ր գայ միւս եւս թարգմանն: Ինչ որ Խոսրովիկի մեծ վիշտ եղաւ, եւ Հայաստան չմտած վախճանեցաւ, որով Հայեր եւ ոչ իսկ տենչալի նշխարացն արժանի եղեն ընդունակութեան (ՓԱՐ. 202): Կը յիշուի եւս Աբրահամ Մամիկոնէից եպիսկոպոս մը, իբր կրօնական ուսմանց մէջ յառաջացեալ մէկ մը, որուն կը դիմեն Վասակ եւ Տաճատ եւ Գոտեր Արծրունիք (ԱՐԾ. 90), եւ որ զանազան նիւթերու վրայ ալ ճառեր գրած է (ՉԱՄ. Բ. 222), եւ ժամանակն ու զարգացումը Սահակ-Մեսրոպեան ընտիր աշակերտութենէն եղած լինելը կը հաւաստեն: Նոյն աշակերտութեան մէջ կը դասակարգուի նաեւ Մուշէ Սիւնեաց եպիսկոպոսը, զոր ոմանք Անանիայի անմիջական յաջորդ կը կարծեն, այլ Օրբէլեան երկուքին մէջ կը դնէ Նուն եւ Գազատ եպիսկոպոսները, առաջինին 8 եւ երկրորդին 17 տարի պաշտօնավարութիւն տալով (ՕՐԲ. Ա. 114): Յիշենք եւս Խաչիկ վարդապետը, որ հոգեւոր իմաստութեամբ եւ զօրաւոր բանիւք քարոզիչ մը եղած, եւ խաղաղութեամբ ու լի արդեամբք վախճանած է (ՅԱՍ. Ա. 237):

300. ԱԲՐԱՀԱՄ ԶԵՆԱԿԵՑԻ

Յատուկ յիշատակութեան արժանի է Աբրահամ Զենակեցի երէցը, որուն խոստովանողական արկածները գրեցինք եւ ազատութիւնն ալ յիշեցինք Ասորեստանի քրիստոնեաներուն երաշխաւորութեամբ 282): Աբրահամի Հայաստան դառնալը պէտք է դնել նախարարներու վերջնական արձակման ժամանակէն առաջ, եւ այն ալ յատկապէս նախարարներուն թախանձանօք, որ Աբրահամը ստիպեցին Հայաստան դառնալ, եւ իր խրատներով ու տեղեկութիւններով իրենց վշտակիր ընտանիքները մխիթարել եւ բոլոր Հայերը ուրախացնել: Աբրահամ, աքսորեալ եւ նահատակեալ խումբին երախայրիքը, ամէն բան տեսած ու ամէն բանի գիտակ էր, ինքն ալ ականջները վրայ տուած եւ Շահուրի տօթին մէջ տարապարհակ մշակութեան դատապարտուած, կենդանի մարտիրոս մըն էր` որ իրեններուն կը դառնար, եւ Հայեր ամէն կողմէ գունդագունդ դիմեցին իրեն տեսութեան, իր պատմութիւնները լսել, իր տեղեկութիւններով մխիթարուիլ, իր խրատներով քաջալերուիլ (ԵՂԻ. 148): Աբրահամ այդ պատիւներէն փախչելով ուզեց առանձնացեալ մնալ, բայց ժողովուրդին թախանձանօք եւ Գիւտ կաթողիկոսի իշխանութեամբ Բզնունեաց եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ (ՓԱՐ. 106), առ ոչինչ համարելով խեղութիւնը, որ վասն հաւատոյ փառաւորութիւն մըն էր: Աբրահամ հովուական պաշտօնովը բազում ուղղութեանց լինէր ուսուցիչ (ՓԱՐ. 106), եւ միանգամայն գրական վաստակներու ալ կը ձեռնարկէր: Իրեն կը վերագրուի Ի վկայսն արեւելից գրուածը, որ Պարսկաստանի մարտիրոսներուն վրայ ներբողական մըն է, ընտիր ոճով եւ պատմական յիշատակներով (ՀԻՆ. իգ. ): Աբրահամու վախճանը եղաւ խաղաղութեամբ ի բարւոք ծերութեան (ՓԱՐ. 106), եւ թաղուեցաւ իր վիճակին մէջ: Պուլանըքի Աբրի գիւղին մէջ կը ցուցուի այսօր իր գերեզմանը, եւ գիւղն ալ իր ճգնութեան տեղը կը կարծուի, որովհետեւ իր կենաց վերջերը ընտրեաց իւր տեղի մի զատ, ուր առաքինի եղբարբք երիւք կատարեաց զկեանս իւր մեծաւ ճգնութեամբ (ԵՂԻ. 148): Նոյնիսկ Աբրի գիւղին անունն ալ Աբրահամի անունէն առնուած կ՚երեւի: Երկար չէ կրցած ըլլալ Աբրահամի կեանքը, այնչափ տառապանքներէ ետքը, տարիքով ալ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան երիցագոյններէն ըլլալով: Աբրահամ եւ իր ընկերակիցը Խորէն առանձինն տօնական յիշատակ ունին մեր տօնացոյցին մէջ, քահանայ անունին ներքեւ:

301. ԹԱԹՈՒԼ ԵՒ ՎԱՐՈՍ

Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն էին եւս Վարոս եւ Թաթուլ երկու եղբայրներ: Ծննդավայրնին չէ յիշուած, բայց հաւանական է Գաբեղեան ցեղէն ենթադրել, նկատելով որ նոյն գաւառը կ՚առանձնանան, երբոր կ՚ուզեն բոլորովին գործերէ ձեռք քաշել, եւ առանձնակեաց ճգնաւորութեան նուիրուիլ: Առանձնանալնուն ժամանակն ալ եղած է յետ կատարման սրբոց Վարդանանցն (ՍՈՓ. ԺԱ. 47): Եկեղեցական աստիճան ունենալնին յիշուած չէ, բայց քահանայ եղած ըլլալնին ճշմարտանման է, քանի որ աշակերտք էին սուրբ հայրապետացն: Ժամանակին ահեղ փորձանքներուն հետ մաքառիլ ամէն անձի տրուած չէր, որով Վարոս եւ Թաթուլ աւելի սիրած են ճգնաւորութեամբ խոյս տալ փորձանաւոր տագնապներէ: Կ՚երեւի թէ անուննին իսկ փոխելու միտք ունեցած են, որովհետեւ, Վարոս` Գիւտ (ՍՈՓ. ԺԱ. 51) եւ Թաթուլ` Անտոն (ԱՍՈ. 80) անունով ալ կը յիշուին: Առաջին առանձնացած տեղերնին եղաւ Վիշապաձորի քարանձաւը, Կաղզուանի մօտ, բայց միջոց մը միասին ճգնելէ ետքը` Վարոս բաժնուեցաւ եւ Դիցմայրի անձաւը գնաց: Երկուքն ալ կ՚ապրէին խոտաբուտ սննդեամբ, աշխարհի հետ ամէն յարաբերութենէ կտրուած, մինչեւ որ Թաթուլի ճգնարանը որսորդներէ կը յայտնւէր, եւ ուխտի եւ հետեւողութեան եւ աշակերտութեան եկողներով կը լեցուէր: Թաթուլ միջոց մը անոնց առաջնորդելէն ետքը, աշակերտներէն Թումասը իրեն տեղը թողլով Մայրուձորի մենարանը կը քաշուի, իսկ Վիշապաձորի տեղը կը կոչուէր Թաթլոյ վանք: Վարոսի մենարանն ալ դիպուածով կը յայտնուէր, եւ հոն ալ աշակերտներու եւ հետեւողներու խումբ կը հաւաքուէր, եւ Գիւտի վանքը կը հիմնուէր, ուր եւ կը վախճանէր Վարոս: Իսկ Թաթուլ Մայրուձորի մենարանին մէջ վախճանելով, մարմինը Թաթլոյ վանքը կը բերուէր, եւ յետ ամաց ինչ Թումաս ալ մեռնելով Թաթուլի մօտ կը թաղուէր: Թաթուլի եւ Վարոսի մահը, մերձաւորաբար Գիւտ կաթողիկոսի ժամանակը կրնայ դրուիլ, Թումաս ալ շատ աւելի երկարակեաց եղած չէ (ՍԱՓ. ԺԱ. 50): Երեքը միասին տօնելի են մեր եկեղեցւոյ մէջ:

302. ՄԱՇԹՈՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Մաշթոցի աշակերտներու անունով մարտիրոսներ ալ կը յիշատակուին Յայսմաւուրքի մէջ (ՅԱՍ. Ա. 141), թէպէտ շատ անորոշ կերպով մը: Հոներու նոր արշաւանքի մը ատեն, Խաչէն գաւառի գերիներու մէջէն գեղեցկատեսիլ եւ մեծազգի կին մը, Թագուհի անուն, կը պահուի զօրավարին տրամադրութեան, բայց ընդդիմանալուն պատճառով ամեհի ձիու պոչը կը կապուի եւ յօշոտուելով կը նահատակուի: Արիւնը թափուած տեղերէն երեւցած լոյսին բացատրութիւնը իմանալու համար, Մաշթոցի աշակերտներէն Աթանաս քահանայի կը հարցուի, որ քրիստոնէութեան ճշմարտութիւնը եւ զօրութիւնը բացատրելով զօրավարը դարձի կը բերէ, եւ կը մկրտէ Թէոփիլոս անունով, ինչպէս նաեւ Մովսէս եւ Երանողիս որդիները եւ բանակէն մաս մը: Ասոր վրայ Հոնաց թագաւորին հրամանով Թէոփիլոս կը նահատակուի իր ընկերներով, իսկ որդիները Դիզիփայտ լերան ճգնաւորներուն մօտ կ՚ապաւինին իրենց հետեւող քրիստոնեայ զօրքերով: Բայց Հոնաց գունդ մը կը գտնէ զանոնք եւ առհասարակ կը կոտորէ, ճգնաւորներն ալ միասին, եւ մարմիններն ալ դիզելով կ՚այրէ: Անոնք են Դիզափայտի վկայք կամ Մաշթոցի աշակերտք կոչուած մարտիրոսները, իսկ թուականը հաւանականութեամբ 465-ին կը գրուի (ՉԱՄ. Բ. 127):

303. ՎԱՐԴԱՆԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

Ժամանակին նշանաւոր անձնաւորութեանց շարքին պէտք չէ զանց ընենք Շուշանիկն ալ, փառաւոր վկայուհին, որ տօնելի սրբուհի մըն է մեր եկեղեցւոյ մէջ: Շուշանիկ փաղաքշական անունն է Վարդան Մամիկոնեանի մեծ աղջկան, որուն բուն անունն է Վարդենի կամ Վարդանուհի, իսկ երկրորդին անունն է Վարդանոյշ: Վարդան արու զաւակ ունեցած չէ, եւ Մանգնոսը` զոր Ասողիկ կը յիշէ իբրեւ Վարդանի որդի եւ 20 տարի սպարապետութիւն ըրած (ԱՍՈ. 80), ուրիշ ոչ մէկէն յիշուած է, եւ պարզապէս շփոթուած է Վահանի հետ, որ Վարդանի եղբօրորդին էր, բայց հոգւով ու սրտով կրնար իբր որդի սեպուիլ: Մանգնոս անունն ալ Մամիկոնեանին աղաւաղումը կ՚երեւի, եթէ Magnus=Մեծ կոչման տառադարձութիւնը չէ: Սահակի ամուսնութիւնը 370-ին նշանակեցինք 181), 371-ին կ՚իյնայ Սահականոյշի ծնունդը, եւ որովհետեւ ճիշդ թուականներ կը պակսին, համեմատական հաւանականութեամբ կըրնանք 387-ին դնել Սահականոյշի ամուսնութիւնը Համազասպ Մամիկոնեանի հետ, եւ 388-ին Վարդանի ծնունդը, 408-ին Վարդանի ամուսնութիւնը Դստրիկ օրիորդի մը հետ, չենք գիտեր որ ազգատոհմէն, եւ 409-ին Վարդենի-Շուշանիկի ծնունդը, եւ տարի մը կամ երկու ետքը Վարդանոյշի ծնունդը: Ասոնց, գոնէ երկրորդին ամուսնութիւնը, քիչ մը ուշ պէտք է ենթադրել, Սահակի աքսորէն ետքը, որովհետեւ 455-ի ատենները, Վարդանոյշի զաւակները դեռեւս ի տես մանկութեան էին (ՓԱՐ. 111), Հմայեակի զաւակներուն հասակակից ըլլալով: Վարդան իր մեծ աղջիկը ամուսնացուց Վրաց բդեշխ Աշուշայի Վազգէն որդւոյն հետ, որ միանգամայն աղջկան հօրեղբօր քենիին զաւակն էր` վեցերորդ աստիճանի խնամութեամբ, իսկ պզտիկ աղջիկը տուաւ Արշարունեաց տանուտէր Արշաւիր Կամսարականի: Շուշանիկ ունեցաւ երեք մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներ(ՍՈՓ. Թ. 13), իսկ Վարդանոյշ երեք մանչեր, Ներսէհ եւ Հրահատ եւ Սահակ Կամսարականներ (ՓԱՐ. 221, 162): Զարմանալի է որ պատմութեան մէջ այլեւս Վարդանի աղջիկներուն անունները չեն յիշուիր, նոյնիսկ երբ Աշուշա, 455-ին, Վարդանի եղբօրորդիներուն հետ թոռներն ալ պատանդութենէ ազատելով իր քովը կը բերէ: Այս վերջիններուն մայրն ու մօրաքոյրը չեն յիշուիր, այլ Արշաւիրի ու Վարդանոյշի զաւակներն ալ, Հմայեակի զաւակներուն հետ, Ձուիկ տիկնոջ հոգածութեամբ կը խնամուին 283): Շուշանիկի պատմական ժամանակագրութիւնը կազմելու համար պէտք կը լինէր ճշդել թէ ե՞րբ Հմայեակի եւ Արշաւիրի զաւակները Վրաց բդեշխին քովէն մեկնեցան եւ իրենց երկիրը դարձան, ե՞րբ Սելուշու մեռաւ ու Վազգէն անոր յաջորդեց, եւ ե՞րբ Վազգէն քրիստոնէութիւնը ուրացաւ: Արդ Վազգէնի սպանուիլն տեղի ունեցաւ Պերոզի 25-րդ տարին (ՓԱՐ. 118), այսինքն է 481-ին: Միւս կողմէն պատանդ տղոց ազատութիւնը դրինք 455-ին, եւ այդ թուականէն ետքն էր որ Ձուիկ սնոյց եւ խրատեաց զորդիսն իւր յաշխարհին Վրաց ի տան Աշուշայի Վրաց բդեշխի (ՓԱՐ. 110): Այդ դաստիարակութեան միջոցը առնուազն հինգ տարի ենթադրելով, կը հասնինք 460-ին եւ մինչեւ այն ատենները պէտք է ընդունինք Աշուշայի ի կեանս ըլլալը: Հետեւաբար, երբ Մամիկոնեան եւ Կամսարական տղաքներ` Աշուշայի մօտ Վրաստան էին, Շուշանիկ ալ կենդանի էր, բայց Աշուշայի հարսը եւ Կամսարականներուն մօրաքոյրը բնաւ չի յիշուիր, թերեւս իր ամուսնոյն Վազգէնի հետ, բդեշխին տունէն զատ եւ ուրիշ քաղաք կը բնակէր: Վրաց մայրաքաղաքը Մծխիթա էր, իսկ Շուշանիկի բնակավայրը Ցուրտաւ եղած կ՚ըսուի (ՈՒԽ. Բ. 35): Իսկ Արշաւիրի կին Վարդանոյշը, կրնար վաղամեռիկ ալ եղած ըլլալ, քանի որ բաղդատելու կռուան մը չունինք:

304. ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՎԿԱՅՈՒՀԻ

Վազգէն, երբ հօրը յաջորդեց եւ Վրաց բդեշխ անուանուեցաւ, ծանօթ էր արդէն իր լկտի եւ անառակ վարքովը, որ մեծ ցաւ էր իր կնոջ Շուշանիկի, կին բարեպաշտօն եւ երկիւղած յԱստուծոյ ի մանկութենէ իւրմէ (ՍՈՓ. Թ. 11): Վազգէն այնչափ յառաջացաւ իր լկտի ընթացքով, որ իր աղջկան իսկ սկսաւ ցանկանալ, եւ իր դուստրը` կարենալու համար առնուլ իւր ի կնութիւն, որոշեց Տիզբոն երթալ Պարսից դենը ընդունիլ, որ յետոյ ըստ Պարսկաց օրինին նպատակը կատարէ (ՍՈՓ. Թ. 17): Շուշանիկի սիրտը զգաց վերահաս վտանգը. իրօք ալ Վազգէն Տիզբոնէ դարձաւ` հաւատքը ուրացած, Պերոզի զոքանչը իրեն կին առած, եւ խոստանալով զկինն առաջին եւ զորդիսն դարձուցանել ի մոգութեան օրէնս (ՍՈՓ. Թ. 12): Գուժկաններ լուրը բերին Վազգէն չհասած, եւ Շուշանիկ իսկոյն զաւակներով եկեղեցի կ՚երթար աղօթել. հոն կը մնար մինչեւ երեկոյ, գիշերն ալ կը հսկէր ի տնիկ մի փոքրիկ ` որ մերձ էր յեկեղեցին (ՍՈՓ. Թ. 15): Վազգէն, թէպէտ ուրացեալ, բայց քրիստոնեաներուն ազատութիւնը յարգելու յայտարարութիւններ կ՚ընէր, այնպէս որ նոյնինքն Վրաց եպիսկոպոսապետն Սամուէլ եւ բդեշխին եղբայրը Ջոջիկ, Շուշանիկը կը համոզէին բդեշխին պալատը դառնալ, ուսկից նա այլեւս հեռու մնալ որոշած էր (ՍՈՓ. Թ. 24): Պալատ գալէն ետքը մինչեւ երեք օր առանձնացեալ կը մնար, եւ բռնադատութեամբ միայն ընթրիքի կը ներկայանար, շուտով մեկնելու համար: Վազգէնի ուրիշ կոչին ալ չէր համակերպեր, մինչեւ որ Վազգէն ինքը վրան երթալով` հարկանէր զնա բրօք սաստիկ յոյժ, եւ Ջոջիկ իսկ չէր կրնար իր հարսը պաշտպանել: Վազգէն կը հրամայէր Շուշանիկը եղած տեղը փակել առանձինն, քովը մարդ չթողուլ, եւ կերակուրի համար լոկ գարիէ հաց եւ ջուր տալ (ՍՈՓ. Թ. 31): Այս միջոցին էր որ Վազգէնի զաւակներէն մէկը Կուր գետին մէջ կը խեղդուէր, եւ Շուշանիկ մը մխիթարուէր թէ գոնէ ուրացութեան վտանգէն ազատեցաւ: Վազգէն պարտաւորեալ ըլլալով քաղաքէն հեռանալ, Շուշանիկը առժամապէս եպիսկոպոսին ապարանքը կը դնէր հսկողութեան ներքեւ, եւ դառնալէն ետքը կ՚աշխատէր ողոքանօք շահիլ, սակայն սա կը մերժէր ուրացեալին կենակցութիւնը, եւ քովի եղած զարդերն ալ ետ կը ղրկէր: Վազգէն բարկանալով եպիսկոպոսարան կու գար եւ ծեծելով ու քաշկռտելով պալատ կը տանէր զայն, եպիսկոպոսին եւ քահանաներուն ալ սպառնալով, այնպէս որ Շուշանիկ կը բերուէր մերկ գլխով եւ պատառատուն զգեստով (ՍՈՓ. Թ. 35): Վազգէն կը հրամայէր, Շուշանիկի ոտքն ու ձեռքը ու վիզը շղթայի զարնելով բանտին մէջ փակել, շղթաներն ալ պատին ամրացնելով եւ գարեղէն հացէն եւ ջուրէն զատ կերակուր չտալ: Վազգէն բանտ ալ երթալով երես առ երես կ՚անարգէր եւ կը սպառնար կտտել մինչ ի մահ (ՍՈՓ. Թ. 36): Վեց տարի ամբողջ այդ վիճակին մէջ բանտարկուած կը մնար Շուշանիկ, եւ հազիւ թէ Ջոջիկի միջնորդութեամբ` միայն վիզին շղթան կը վերցուէր: Քուրձ մը միայն ունէր մերկ մարմնոյն վրայ, եւ պարեգօտ մը վրայէն, բոկոտն ու բացագլուխ եւ մորթ մը միայն իբրեւ կողինք (ՍՈՓ. Թ. 43): Հինգերորդ տարին Վազգէն, երկար բացակայութենէն դառնալէն ետքը, վհուկի մը կը դիմէր, Շուշանիկին միտքը փոխելու, որ տարի մը ի զուր վկայուհին նեղելէ ետքը, նպատակին չէր հասներ: Վազգէն նաեւ զորդիսն ուրացուցաներ, եւ Շուշանիկի համար Պերոզի կը գրէր, թէ տանջեմ զնա մինչեւ ի մահ, որովհետեւ դուստր Վարդանայ է (ՍՈՓ. Թ. 43): Շուշանիկ հիւծուած ու տանջուած, անսասան էր իր հաւատքին վրայ, թէպէտ Վազգէն չէր դադարեր ամէն կերպերով զինքն ուրացութեան ստիպել, մինչեւ իսկ, կ՚ըսուի թէ, կատաղութեան մէկ վայրկեանին, փորձեց իր իսկ լախտով զայն վիրաւորել, բայց Ջոջիկ արգիլեց (ՅԱՍ. Բ. 315): Բանտարկութեան եօթներորդ տարին էր, երբ Շուշանիկ հիւանդանայր յանհնարին տանջանսն վասն սաստիկ ճգնութեան զոր կրեաց (ՍՈՓ. Թ. 44), եւ մարտիրոսութեամբ կեանքը կը կնքէր նոյն բանտին մէջ: Վերջին վայրկեանին քովն էին Ջոջիկ իշխան, Սամուէլ եպիսկոպոսապետ, Յովհան եպիսկոպոս, տիկնոջ դրաներէցը եւ ուրիշ քահանաներ, որոնք եւ իր փափաքին համեմատ` թաղեցին զայն եկեղեցիին քովը այնտեղ, ուրտեղէն առաջին անգամ զինքն քարշելով տարած էր Վազգէն (ՍՈՓ. Թ. 45): Վրաց մայրաքաղաքը այն ատեն Մծխիթա էր, իսկ բանտին տեղը կը յիշուի Ուփրէթի բերդը, զոր Ցուրտաւի մէջ կը դնէ Ուխտանէս (ՈՒԽ. Բ. 128), իսկ Ցուրտաւն ալ Տփխիս մայրաքաղաքին սահմանակից կը նկարագրէ (ՈՒԽ. Բ. 34): Շուշանիկի գերեզմանն ալ Ցուրտաւի մէջ ճանչցուած էր, եւ մեծ ուխտատեղի էր, ինչպէս եւ ինքն Ուխտանէս ուխտի գացած եւ համբուրած ըլլալը կը պատմէ (ՈՒԽ. Բ. 35): Շուշանիկի բանտը կը ցուցուի այսօր Տփխիսի միջնաբերդին մէջ, որ հասարակաց բանտ եղած է: Շուշանիկ իրեն հետ ունեցած է աւետարան մի փոքրիկ, որ նախնոյն իւրոյ էր սրբոյն Սահակայ, եւ զոր մինչեւ վերջ իրեն հետ պահած է (ՍՈՓ. Թ. 27): Կը յիշուի եւս Խաչափայտի մասունք մը, զոր Շուշանիկ յանձնած է Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտներէն Անդրէաս աբեղայի մը, որ Տարոն տանի եւ Առաքելոց վանքին յանձնէ, սակայն Շուշանիկի բանտարկութեան լուրին վրայ եւ վասն վրդովմանց ճանապարհին, Անդրէաս վախցած եւ մասունքի հետ Սպերի մէջ պահուըտած է 5 տարի: Ետքը լուր տուած է Գրիգոր Մամիկոնեանի մը, որ կը գրուի որդի Հմայեկի, եղբօր սրբոյն Վարդանայ (ՅԱՅ. 478), այլ պէտք է ըլլայ նոյնինքն Գրիգոր որդին Վասակայ, եղբօր Վահանայ (ՓԱՐ. 171), որ եկած եւ սուրբ Նշանը Սպերէ տարած է Երասխաձորի Կապոյտ բերդը, ուր մնաց զբազում ժամանակս: Անկէ փոխադրուեցաւ Վանանդի Ս. Խաչ վանքը եւ Մծխիթայէ ելնելէն 459 տարի ետքը տարուեցաւ Կարս քաղաքը, եւ անկէ 164 տարի ետքն ալ Անի քաղաքը, ուր մնաց 142 տարի եւս, մինչեւ քաղաքին Չարմաղանի Թաթարներէն առնուիլը 1239-ին (ՅԱՅ. 479): Շուշանի կատարման թուականը, ոմանք 458-ին կը դնեն, 45 տարեկան եղած ատեն (ՎՐՔ. Դ. 66), որ չ՚արդարանար, քանի որ Աշուշայի մահուընէն գոնէ 8 տարի ետքը պէտք է հաշուել, եւ Աշուշա 460-էն առաջ մեռած չէ: Ուրիշներ 474 կամ 476-ին կը դնեն (ՍՈՓ. Թ. 60), Անւոյ խաչին հաշիւով: Սակայն թէ Յայսմաւուրքին ժամանակագրութիւնը անճիշդ է, եւ թէ խաչին Մծխիթայէ ելնելը կ՚ենթադրուի Շուշանիկի բանտարկութեան եւ ոչ թէ մահուան տարին: Մենք Աշուշայի մահը 462-ին դնելով, Վարդենի-Շուշանիկի կատարումը կը հաշուենք 8 տարի ետքը 470-ին, 50 տարեկանէ աւելի եղած ատենը: Մահուան օրը նշանակուած է քաղոցի 17-ին (ՍՈՓ. Թ. 46, 55), որ շարժական տոմարի հաշուով յիշեալ տարին կ՚իյնայ Դեկտեմբեր 15-ին, թէպէտ հաստատուն տոմարի հաշիւը կազմուելէն ետքը Դեկտեմբեր 25-ին դրուած է:

305. ՎԱՍԱԿԻ ՄԱՀԸ

Պատմութիւնը յիշատակութեան արժանի եղելութիւնները քաղած ատենը, միայն գովելի եւ փառաւոր գործերով չի բաւականանար, վասնզի եպերելի եւ անօրէն գործերն ալ օգտակար ազդեցութիւն կը գործեն իրենց տխուր տպաւորութեամբը: Այդ նպատակով չենք ուզեր զանց ընել Վասակի մահուան պատմութիւնն ալ: Վասակ Սիւնի, որ 441-է 451, տասնամեայ միջոց մը Հայաստանի մարզպանութիւնը վարեց, եւ չարաչար դատապարտութեան ներքեւ ինկաւ 266), նա ալ խիստ բանտարկութեան անտանելի վիշտերու մէջ կնքեց իր կեանքը, որ սակայն չկրցաւ իրեն ոչ սիրտի հանդարտութիւն եւ ոչ հոգեկան փառաւորութիւն պատրաստել: Փարպեցին կը կրկնէ ինչ որ նոյնիսկ Վասակի արդարապատում սպասաւորք իրեն պատմած են (ՓԱՐ. 86), թէ նա մաշէր զաւուրս հառաչելով եւ յոգւոց հանելով, եւ թէ ինքնին զիւրոյին ծեծէր զդէմսն, խոստովանելով թէ ուխտանենգութիւն սրբոյ աւետարանին եւ արիւն նահատակութեան սրբոյն Վարդանայ եղած են բոլոր իր դժբախտութեանց սկզբնապատճառը (ՓԱՐ. 85): Բայց այսուհանդերձ ոչ գտաւ խոստովանութիւն ի շրթունս նորա (ԵՂԻ. 109): Եղիշէ կ՚աւելցնէ, թէ բանտի նեղութենէն մարմինն ալ չարաչար ապականեցաւ, որովհետեւ անկաւ յախտս դժնդակս անդէն ի կապանսն, հիւծեցաւ եւ հալեցաւ, հոտեցաւ եւ որդնոտեցաւ, մինչեւ իսկ փախստական եղեն ի նմանէ ձեռնասուն ծառայք նորա (ԵՂԻ. 108): Փարպեցին կը գոհանայ միայն վշտագին եւ նեղութեամբ բազմաւ ապրած լինելը յիշելով, եւ գիտենք թէ Փարպեցին շատ չափաւոր եւ զգուշաւոր է իր բացատրութեանց մէջ: Իսկ բանտարկութեան տեւողութիւնը կը դնէ միայն ամս ինչ անորոշ բացատրութեամբ, որ հազիւ թէ չորս հինգ տարի կրնայ ենթադրուիլ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ Վասակ մեռած էր արդեն 455-ին, ապա թէ ոչ նախարարներուն հետ իրեն ալ թուլացում մը շնորհուած կ՚ըլլար: Վասակ Տիզբոնէ դուրս բանտ ալ տարուած չ՚երեւիր, որովհետեւ Փարպեցին յայտնապէս կ՚ըսէ, թէ ի դրանն կը մնար (ՓԱՐ. 85), այսինքն Տիզբոնի մայրաքաղաքին մէջ: Վասակի ընթացքին վրայ արդէն տեսութիւննիս յայտնեցինք 260), եւ պէտք է ըսել թէ անկարող մէկը չէր, եւ լաւ սկզբնաւորութիւն ալ ունեցած էր 227), միայն թէ ամբարտաւան յոյսեր ապականեցին անոր միտքը: Երբոր Վասակ դատապարտուեցաւ, Սիւնեաց տանուտէրութիւնը տրուեցաւ Վարազվաղան Սիւնիի, Վասակի փեսային, որ իր աներոջ հետ հակառակութեան պատճառով ուրացած` եւ Հայոց վրայ հալածանքը արծարծած էր 235): Վարազվաղան կրցած է բազմաժամանակեայ իշխանութիւն վարել, Սիւնեաց երկիրը ատրուշաններով եւ մոխրանոցներով լեցնել, բազում արարեալ անիրաւութիւնս: Մահուանը համար գրուած է թէ տանջեալ ի դիւէ, դառն մահուամբ սատակեցաւ չարաչար (ՓԱՐ. 85), ինչ որ Փարպեցւոյն զգուշաւոր գրիչին տակ մեծ նշանակութիւն կը ստանայ, եւ վերջին տարիներու մէջ սաստիկ եւ տառապալից ախտի ենթարկուած լինելը կը ցուցնէ: Գիւտի ժամանակ Բաբիկ Սիւնի, ի կատաղութենէ ամպարշտեալ իշխանաց փախչելով (ՓԱՐ. 112), առանձնութեան դիմած էր, ինչպէս պատմեցինք 289), եւ կրնանք հետեւցնել թէ մինչեւ այն ատեններ կ՚ապրէր Վարազվաղան: Անոր անունը այլեւս չի յիշուիր, երբ Գադիշոյ Խորխոռունի ուրացեալներու գլուխը անցած կ՚ամբաստանէր Գիւտ կաթողիկոսը 471-ին ատենները, ուսկից քիչ առաջ ի դէպ է դնել Վարազվաղանի մահը, մերձաւորաբար 20 տարի վարելով Սիւնեաց տանուտէրութիւնը: Վարազվաղանի յաջորդը, Սիւնեաց տանուտէրութեան մէջ, եղաւ ուրիշ ուրացեալ մը, Գդիհոն Սիւնի, որ բաւական տխուր դեր ունեցաւ Հայոց երկրորդ շարժումին ժամանակ:

Տ. Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Ա. ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻ

306. ՆԱԽԸՆԹԱՑ ԿԵԱՆՔԸ

Երբոր Գիւտ վախճանեցաւ, երկիրը բոլորովին շփոթ եւ անտէրունջ վիճակ մը ունէր: Գիւտ շատոնց քաշուած էր Ոթմուսի մէջ, եւ կաթողիկոսական իշխանութիւնը լոկ հոգեւորական շրջանակի մէջ կրնար վարել: Վահան Մամիկոնեան կեղծուրացութեան հետեւանօք, անգործ եւ աննշանակ կեանք մը կը վարէր: Ատրվշնասպ մարզպան եւ Վեհվեհնամ հազարապետ, առանց պաշտօնապէս հալածանք հռչակելու, ամէն կերպով քրիստոնեաները ընկճելու միջոցներ կը գործածէին: Գադիշոյ Խորխոռունի եւ Գդիհոն Սիւնի, ուրացեալ նախարարներու խումբին հետ Պարսից համակրութիւնը գրաւելու եւ շահերնին ընդարձակելու համար, ոչ մէկ անիրաւութենէ ետ չէին կենար: Պերոզ թագաւոր Հայերը նեղելով եւ տկարացնելով` անոնց շարժումները խափանելու քաղաքականութիւնը կը հովանաւորէր, ահն ու սարսափը ամէն բանի կը տիրապետէր: Այսպիսի պարագաներու մէջ օրինաւոր գործողութիւն եւ կանոնական ընտրութիւն շատ դժուար էր, եւ եղած ըլլալուն ալ յիշատակը չունինք: Եթէ յանկարծ կը տեսնենք որ արժանաւոր եւ կարող եւ գործունեայ գլուխ մը կ՚ելլէ մէջտեղ, պէտք է ընդունիլ թէ նախախնամական ուղղութեամբ մը տեղի կ՚ունենար: Գիւտի նախատես եւ արթուն հոգին կրցած էր իրեն մօտ ընտիր օգնական մը պահել, որ իր կենդանութեան ատեն գործոց ընթացքը ձեռք առած էր, եւ որ իրմէ ետքը նովին իսկ աթոռին տէրը կը ճանչցուէր: Լաւեր խնդութեամբ կ՚ընդունէին զայն, վատեր դիմադրելու չէին համարձակիր: Այսպէս միայն կրնանք մեկնել Յովհան Մանդակունիի կաթողիկոսական աթոռ բարձրանալը 478-ին, Գիւտի մահուընէն անմիջապէս ետքը: Յովհաննէսի Մանդակունի մականունը կը ցուցնէ թէ նախարարազուն ազնուական տունէ էր: Իրեն ծննդավայրը եղած է Ծախնոտ գիւղ Արշամունեաց (ԱՍՈ. 82), այժմեան Վարդով գաւառի մէջ: Կ՚ըսուի թէ աշակերտեալ է մեծին սրբոյն Սահակայ հայրապետի (ԿԱՆ. 123): Սակայն դժուար է Սահակ-Մեսրոպեան հարիւրակին մէջ համրել Մանդակունին, որ գիրի գիւտի տարին եւ ոչ իսկ ծնած կ՚ըլլայ, եթէ 80 տարեկան ալ վախճանած ըսենք 490-ին, բայց կրնայ նոր աշակերտութեան մտած պատանի մը ըլլայ Սահակի մահուընէ` այսինքն 438-էն առաջ, եւ իբր պարծանք յիշել Սահակի անունը, Սահակի անմիջական աշակերտներուն աշակերտը ըլլալով: Կանոնաւոր ուսում առած եւ յունական դպրոցներու ալ հետեւած ըլլալը կը հաստատուի իր անունով հասած մատենագրութիւններէն: Անհնար է եւս Մանդակունին նոյնացնել Յովսէփ Հողոցմեցիի օգնական եղող Յովհանի հետ 233), վասնզի 439-ին նորահաս պատանի մը միայն կրնար եղած ըլլալ, եւ ոչ երբեք կաթողիկոսարանի օգնական ըլլալու յարմար: Յովհաննէս կաթողիկոսութեան գործերը պաշտօնապէս ձեռք առած ատենը, ուրիշ բան չէր կրնար ընել, բայց եթէ հնարաւոր կերպով տիրող կացութիւնը պահպանել, կրցածին չափ ազգն ու եկեղեցին յանձանձել, լաւերուն քաջալերութեան եւ արիութեան յորդորներ կարդալ, վատերուն պատճառած վնասները խափանել: Նոր ձեռնարկ մը չէր կրնար ընել իր պաշտօնին առաջին տարիներուն մէջ 478-է 481:

307. ՎԱՀԱՆԵԱՆՑ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Վահան կեղծուրացութեան մէջ հանդարտ գործունէութեան դիւրութիւն շահելու մտադիր էր, Ոսկեհատի պաշտօնն ալ կը վարէր տէրութեան կողմէն, որ ոսկիներ հանելու եւ ճարելու գործ պիտի ըլլայ, բայց Հայաստանի մէջ ոսկեհանք գտնուիլը ցուցուած չէ, եւ աւելի ոսկիներ հաւաքելու եւ պահելու իմաստով պիտի առնուի: Իրեն օգնական տրուած էր Վրիւ անուն Ասորի մը, Վահանի հակառակորդներուն գործիք: Ասոր ձեռքով ամբաստանուեցաւ Վահան, թէ ոսկիները կը ժողովէ եւ կը պահէ, որպէսզի անոնցմով Յունաց կամ Հոնաց գունդեր վարձէ եւ ապստամբի: Հազիւ թէ Վահան դաւը իմացաւ, հաւաքած ոսկիները առնելով փութաց Տիզբոն երթալ, եւ դէմառդէմ Վրիւի ամբաստանութիւնները ցրեց, բացատրելով թէ ապստամբութիւն ընել ուզողը ձեռքը ունեցած ոսկին չի յանձներ, եւ միանգամայն շուրջը մարդիկներ կը հաւաքէ, մինչ ինքն եւ ոչ երկուց կամ երից պատանեաց իշխէ տիրաբար (ՓԱՐ. 117): Պերոզ համոզուեցաւ եւ Վահանը իր գործին գլուխը դարձուց, բայց Վահանի սիրտը միշտ խաղաղ չէր, ուրացութեան անունը զինքը կը ճնշէր, եւ ընդ միտս իւր կ՚որոճար, որ իրեն ժամանակ դարձի խոստովանութեան ներկայանայ: Այդ միջոցին Պերոզ կը պարտաւորուէր Հեփթաղներու դէմ պատերազմի ելնել, բայց չէր յաջողեր, ինչ որ համարձակութիւն կրնար տալ հպատակ ազգերուն Պարսից լուծէն ընդվզելու: Հայ գունդ մըն ալ կը գտնուէր Պարսից բանակին հետ Հեփթաղներու դէմ, որուն մէջ ուխտապահ եւ ուրացեալ նախարարներ մէկտեղ էին. վերջինները աւելի երես ունէին, եւ առաջիններուն վրայ կը ճոխանային, ինչ որ ուխտապահներուն սիրտը գրգռելու կը ծառայէր: Հեփթաղներու հետ ամօթալի հաշտութենէն ետքը, Հայոց գունդն ալ ետ դարձաւ, երբ գործելու եղանակը անցած ըլլալով ձմերոցներ երթալու պարտաւոր էր: Գունդերը Շիրակ գաւառը հասած էին, Պերոզի 25-րդ տարին, 481-ի աշունին, երբ յանկարծական լուր մը ամէնքը ցնցեց: Վախթանգ Վրացի սպաննած էր Վազգէն բդեշխը, Շուշանիկի ուրացեալ ամուսինը, ոտք հանած էր Վրացիները` որ այլեւս չէին կրնար դիմանալ Վազգէնի եւ Պարսիկներուն անիրաւութեանց, եւ պատերազմի սկսած էր Զարմիհր Հազարաւուխտ պարսիկ զօրավարին հետ: Վախթանգ Հայերուն ալ գաղտնի պատգամաւոր յղած էր, որ իրենք ալ շարժուին, եւ միասին Պարսիկներուն դէմ ելլեն, խոստանալով թէ Հոներն ալ օգնելու պատրաստ են(ՓԱՐ. 118): Շիրակի բանակին մէջ գաղտնի խորհրդակցութիւններ սկսան անմիջապէս, ուխտապահներ եւ կեղծուրացներ շարժուելու կամքը ունէին, բայց Վահանէ զատ մէկու մը վրայ վստահութիւն չունէին որ իրենց գլուխը ըլլայ, ուստի գիշեր մը միտքերնին իրեն կ՚առաջարկեն: Վահան համարձակ կը յայտնէ, թէ ինքն ալ կեղծուրացութիւնը վրայէն նետելու մեծ փափաք մը ունի, բայց գործի ձեռնարկել չի համարձակիր, որովհետեւ Պարսիկներ զօրաւոր են, Վրացիներ տկար են, Յոյներ խաբեբայ են, Հոները դեռ մէջտեղ ելած չեն, եւ ամենէն աւելի, Հայ նախարարաներուն վրայ վստահ չէ: Դուք, կ՚ըսէ, մարդիկ սուտք էք եւ անվստահք (ՓԱՐ. 119): Նախարարներ զգածեալ կ՚երդնուն, որ ոչ Յոյներու եւ ոչ Հոներու, այլ Աստուծոյ վրայ դրած են յոյսերնին, եւ մինչեւ վերջ պիտի մաքառին իրենց հաւատքին վրայ: Այս յայտարարութենէն զգածուած Վահան ու եղբայրը Վասակ, յանձն կ՚առնեն շարժումին գլուխն անցնիլ, չնայելով որ Վարդ եղբայրնին պատանդ է Տիզբոնի մէջ, եւ կրնայ վտանգի հանդիպիլ: Բանակին մէջ գտնուող Աթիկ Բջնեցի քահանան աւետարանը կը բերէ անմիջապէս, ամէնքը զատ զատ եդեալ զձեռս ի վերայ հանդիսապէս կ՚երդնուն, եւ գիշերային խորհրդակցութիւննին խնդութեամբ աւարտելով յիւրաքանչիւր վանս գնացին հանգչիլ (ՓԱՐ. 120): Հարկաւ փութացին լուր հասցնել կաթողիկոսին ի Վաղարշապատ, վասնզի Յովհաննէս արդէն ամենուն սիրտը գրաւած էր իր արիական ընթացքով:

308. ԱԿՈՌԻԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Գիշերուան խորհրդակցութիւնը հարկաւ ընդհանուր գիծերու մէջ չմնաց, այլ անմիջական ձեռնարկներու կերպն ալ որոշուեցաւ: Ատրվշնասպ մարզպան եւ Վեհվեհնամ հազարապետ իրենց բանակին հետ էին` եթէ իսկոյն անոնք մէջտեղէն վերցնէին, իրենք կացութեան տէր կը դառնային եւ կրնային առ սակաւ մի աշխատ առնել զՊարսիկս (ՓԱՐ. 119): Պզտիկ պատրաստութեամբ մը առաւօտուն գործի սկսելու որոշումը տուած էին, բայց Վարազշապուհ Ամատունի, որոշման մասնակցող նախարարներէն մին, անմիջապէս գործը Ատրվշնասպի կ՚իմացնէր, եւ սա առտու չեղած բոլոր իրեններով կը փութար փախչիլ Անիի բերդը, անկէ Արտաշատ, անկէ ալ Ատրպատական, որպէսզի իր անձը ազատէ: Հայեր անմիջապէս Ատրվշնասպին կը հետապնդէին, բայց չէին յաջողիր հասնիլ, միայն Պարսից կարասին ու գրաստները կը գրաւէին, եւ ուրացեալներէն Գադիշոյ Խորխոռունին կը ձերբակալէին, բայց ինչ կ՚ընէին չենք գիտեր, միայն թէ այլեւս Գադիշոն յիշուած չենք գտներ: Միանգամայն իրենց մէջ առժամեայ կառավարութիւն մըն ալ կը կազմէին, Սահակ Բագրատունին մարզպան եւ Վահան Մամիկոնեանը սպարապետ կ՚անուանէին, եւ օրինաւորապէս Դունի մէջ կը զետեղուէին, կը մտածէին եւս Տայոց լեռներուն վրայ հաստատել իրենց ռազմական կեդրոնը: Բայց ուրացեալներէն ոմանք որ Ատրվշնասպի հետ էին, խորհուրդ տուին անոր յանկարծ ետ դառնալով Հայերը ընկճել, քանի որ Յոյներէն եւ Հոներէն սպասած օգնութիւննին ստացած չեն: Ատրվշնասպ հաւանեցաւ, եւ 9000 զօրքերու բանակ մը կազմելով Ատրպատականէ ետ դարձաւ եւ մինչեւ Նախիջեւան հասաւ: Հայերը հազիւ 400 հոգւոյ գունդ մը կրցան պատրաստել Ատրվշնասպի դէմ ղրկելու համար, Վասակ Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ: Գացողներ ճարտար զգուշութիւններով եւ ռազմական հնարագիտութիւններով բանակեցան Մասիսի ներքեւ Ակոռի գիւղը: Բոլոր ոյժերնին չորս հարիւրակի բաժնեցին: Միջինը առին Բաբգէն Սիւնի եւ Վասակ Մամիկոնեան, ձախակողմը` Գարջոյլ Խորխոռունի, աջակողմը` Ատոմ եւ Առաստոմ Գնունիք, եւ պահեստի թեւը` Ներսէհ եւ Հրահատ Կամսարականք: Թէպէտեւ Գարջոյլ Խորխոռունին նենգելով իրեններուն հետ թշնամիին կողմը կ՚անցնէր, սակայն միւս երեք հարիւրակներ կատաղի յարձակմամբ Պարսիկներուն եւ ուրացեալներուն գունդերը կը ցրուէին, Ատրվշնասպ մարզպանը եւ Կատուշներուն զօրագլուխը կը սպաննէին, Գդիհոն Սիւնին հազիւ կ՚ազատէր Բաբգէն Սիւնիին պաշտպանութեամբ, եւ Հայոց համար փառաւոր յաղթանակ մը կը լինէր Ակոռիի պատերազմը: Ուրացելոց խումբէն Վառգոշ Գնթունի եւ Վասակ Սահառունի, կը փութային իբր գուժկան հասնիլ Դուին եւ Յովհանի, Սահակի ու Վահանի սուտ լուր տալ թէ Պարսից կողմը յաղթող եղաւ, եւ Հայոց բոլոր զօրավարները սպանուեցան: Պահ մը տխրութիւնը կը տիրէր քաղաքին մէջ, մինչեւ որ Առաստոմ Գնունի ճշմարիտ աւետիսը կը բերէր, յաղթական գունդերն ալ ետեւէն կը հասնէին, եւ ուրախութեան տօն կը կազմէին, եւ կաթողիկոսն Յովհան Դուինի եկեղեցւոյն մէջ մեծահանդէս գոհաբանական աղօթք կը կատարէր, ԻԹ. սաղմոսը երգել տալով. Դարձոյց զսուգ իմ յուրախութիւն (ՓԱՐ. 123-126):

309. ՆԵՐՍԵՀԱՊԱՏԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Մինչեւ որ այդ եղելութիւնները լրացան ձմեռն ալ վրայ հասաւ, Պարսիկներ չկրցան իրենց կորսնցուցած պաշտօնական դիրքը վերականգնել, որով Հայերն ալ համարձակութիւն առին կառավարուիլ այն առժամեայ իշխանութեամբ զոր կազմակերպած էին Սահակով եւ Վահանով եւ Յովհանի հովանաւորութեամբ: Բայց գարնան բացուելուն կրնային Պարսիկները նոր պատրաստութեամբ դառնալ, ուստի պէտք էր պաշտպանութեան միջոցները խորհիլ: Վախթանգի գրեցին որ խոստացած օգնութիւնը հասցնէ Հոներէն, բայց նա հազիւ թէ 300 հոգի կը յղէր, անոնք ալ ամիս մը ետքը պատճառադրութեամբ ետ կը կանչէր: Արծրունեաց, Անձեւացեաց, Մոկաց եւ Ռշտունեաց մեծ նախարարութեանց ալ կը դիմէին, բայց սպասուած պատրաստականութիւնը չէին գտներ: Մինչեւ իսկ Յոհան Մոկացի եւ Սիսակ Անձեւացի, Յովհան Անձեւացիի եւ Ներսէհ Երուանդունիի դէմ կ՚ելլէին` երթալնին արգիլելու համար, սակայն ասոնք Առեստ գիւղին մօտ արգիլողները վանելով, 482 աւագ շաբթուն Վահանի հետ կը միանային: Զատիկը Ապրիլ 25-ին տօնած ատեննին կը լսէին, որ Պարսիկները Հեր եւ Զարեւանդ ճամբով կը յառաջանան, ուստի անոնց յառաջացումը արգիլելու համար, անմիջապէս գունդերնին քալեցուցին դէպի Արտազ գաւառը: Յովհան կաթողիկոսն ալ բանակին կ՚ընկերանար աղօթելով եւ օրհնելով, յորդորելով եւ քաջալերելով: Պատերազմը տեղի ունեցաւ Ներսեհապատ գիւղին մօտ: Պարսից հրամանատարն էր Ատրներսէհ Փուշտիպանան, իրեն օգնական ունենալով Սուրէն Պահլաւ, Վէնի Խոռեան, Ատրվշնասպ Տապեան եւ Գդիհոն Սիւնի զօրավարները: Հայոց բանակը կազմեց Վահան, կեդրոնի թեւն յանձնելով Սահակ Բագրատունիի, աջ թեւն ալ Բարշղ Վահեւունիի, անոր օգնականներ տալով Բաբգէն Սիւնին, Ատոմ Գնունին, Փափագ Պալունին: Ձախ թեւը իրեն պահեց, մէկտեղ առնելով իր Վասակ եղբայրը եւ Ներսէհ ու Հրահատ Կամսարականները: Պահեստի գունդը յանձնեց Վրէն Վանանդեցիի եւ Պապ Արտակունիի: Բարշղ պահ մը տկարացաւ, Վրէն չկրցաւ օգնութեան հասնիլ, Վահան վրայ հասաւ իր թեւով եւ պատերազմին բախտը որոշեց: Ինքն սպաննեց Խոռեանը, եւ Ներսէհ` Ատրվշնասպը, Պարսիկներ շփոթած փախուստի դիմեցին, մինչ Հայեր պնդութեամբ կը հալածէին, այնպէս որ Պարսիկ սպանուածներուն թիւը փախածներէն աւելի կ՚ըլլար: Հայ բանակը փառաւոր յաղթութեամբ կը դառնար կաթողիկոսին մօտ, որ բոլոր պատերազմի միջոցին աղօթքի զբաղած էր իր եկեղեցականներով, եւ յաղթականները կ՚օրհնէր, ըսելով. ուրախ եմ յոյժ. տեսանելով զԱստուած հաշտ ընդ ձեզ (ՓԱՐ. 126-130): Ներսէհապատ մօտ է Աւարայր գիւղին, Արտազի դաշտին մէջ, որ այս երկրորդ անգամ հաւատոյ նահատակութեան ասպարէզ կ՚ըլլար, առաջինէն 31 տարի ետքը, նոյնպէս Մայիս ամսոյ վերջին օրերը: Սակայն շատ աւելի յաջող էր այս անգամուան ելքը, վասնզի Վահան յաղթական կ՚ելլէր, ուր Վարդան կեանքը զոհած էր, եւ Յովհան յաղթողները կ՚օրհնէր, ուր Յովսէփ գերելոց հետ կը շղթայուէր: Անակնկալ պարագայ մըն ալ աւելի կը շատցնէր ուրախութիւնը, վասնզի Վարդ, Վահանի պզտիկ եղբայրը, զերծեալ ի կապանացն զօրութեամբն Աստուծոյ, Տիզբոնէ կը հասնէր այն միջոցին, ինչ որ բարեգուշակ նշան մը սեպուեցաւ, վասնզի Վահան ըսած էր, որ եթէ Աստուած գործը պիտի յաջողէ, Վարդն ալ ողջամբ իրեն կը դարձնէ (ՓԱՐ. 131):

310. ՃԱՐՄԱՆԱՅՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Ներսէհապատի յաղթութենէն դարձող գունդերը Ծաղկոտն գաւառի, Վարշակի ջերմուկը հանգիստ ընելու վրայ էին, երբոր Վախթանգի պատգամաւորը լուր բերաւ, թէ Միհրան զօրավար Պարսիկ գունդերով Վրաց վրայ կու գայ, թէ ստիպողական է որ օգնութեան հասնին, եւ թէ Հոնաց գունդերն ալ հասնելու վրայ են: Վահան եւ Հայ նախարարներ միշտ կասկածոտ էին Վախթանգի վրայ, բայց խաչի ու աւետարանի վրայ օգնութեան երդում ըրած էին, խղճեցին երդումնին չյարգել ու ճամբայ ելան ամառուան տօթին ներքեւ: Հոներ չկային օգնութեան եկած, եւ Միհրանի գունդերը դեռ երեւցած չէին, Վախթանգ խաբէական միջոցներով զիրենք խաղցուց, եւ ստիպեց ալ որ Ճարմանայնի դաշտը իջնեն, Կուրի եզերքը, թէպէտ դիրքը յաջող չէր Վահանի տեսութեամբ: Միհրան հասաւ վերջապէս ահեղ զօրութեամբ, բայց Հոնաց գունդեր չերեւցան: Վահան հրամանատարութիւնը ստանձնեց, աջ թեւը յանձնեց Բարշղ Վահեւունիի` Սատոն Գաբեղեանի հետ, ձախ թեւը Վախթանգի, միջինը իրեն պահեց Ներսէհ եւ Հրահատ եւ Սահակ Կամսարականներու եւ Ատոմ Գնունիի հետ, պահեստի թեւը տուաւ Սահակ Բագրատունիի եւ Բաբգէն Սիւնիի: Հազիւ թէ պատերազմի խառնուրդը տաքցաւ, Վրաց գունդերը փախուստի սկսան, Հայերէն ոմանք Պարսից կողմը անցան Վրաց խաբէութենէն զզուելով, մաս մըն ալ շփոթելով Վրաց փախուստին հետեւեցաւ, եւ Վահան, անօգնական մնացած, չկրցաւ Պարսից դէմ դնել: Սահակ Բագրատունի եւ Վասակ Մամիկոնեան պատերազմին մէջ ինկան, Հրահատ Կամսարական եւ Յազդ Սիւնի, ձիերնին կորսնցնելով գերի ինկան, քրիստոնէից կողմը յաղթուեցաւ, եւ Վահան Հայոց մնացորդները ժողվելով Տայոց լեռները դիմեց իբրեւ տեղի ապաստանի: Ինքը կը մնար Մկնառինճ գիւղը, եւ Միհրան իր գունդերով բանակած էր Յունաց բաժնին սահմանագլուխին մօտ` Դու գիւղը, այժմեան Բասենի Թիւյը, եւ այնտեղէն բանակցութեան մտաւ Վահանը հաշտութեան հրաւիրելու եւ անոր առաջարկները լսելու: Վահան այդ ատենէն սկսաւ իր պայմանները ճշդել եւ պահանջել որ քրիստոնէութիւնը ազատ ըլլայ, ուրացութիւնը արժանիք չսեպուի, քսութեանց հաւատք չընծայուի, եւ տանուտէրութեանց իրաւունքները յարգուին: Թերեւս այդ բանակցութիւնք ելք մը ունենային, սակայն յանկարծ Միհրան ետ կանչուեցաւ, եւ նա բոլոր բանակովը հեռացաւ, եւ Հայաստան նորէն անտէրունջ մնաց, Պարսիկներէն լքուած, եւ Հայերուն կողմանէ ալ առժամեայ կերպերով հոգացուած (ՓԱՐ. 132-137): Վահան պատեհ կը գտնէր Տայոց լեռներէն իջնել, եւ գալ Արարատ գաւառ, նախապէս Վաղարշապատի հայրապետանոցը հանդիպիլ, կաթողիկէի եւ կուսանաց վկայարաններուն մէջ ուխտը կատարել, կաթողիկոսին օրհնութիւնը ընդունիլ, եւ անկէ Դուին երթալ անտէրունջ կացութեան կառավարութիւնը ստանձնելու, որովհետեւ Սահակ Բագրատունիի մահուամբ, զինուորական գործերու հետ քաղաքական եւ ընդհանուր կառավարական վարչութինն ալ իրեն կը մնար (ՓԱՐ. 141): Ճարմանայնի պատերազմին վերաբերեալ կէտերը լրացնելու համար աւելցնենք, թէ Վասակ Մամիկոնեանի մահուան խորհրդաւոր նշանակութիւն մը տրուեցաւ այն ատեն, որովհետեւ Վասակ ըսած էր կանուխէն, թէ թող Վարդ եղբայրս ողջ տեսնեմ եւ մեռնիմ (ՓԱՐ. 132): Միւս կողմէն Վասակի եւ Սահակի մահերը այնչափ անհաւատալի երեւցած էին, որ սկսան ձայներ պտտիլ թէ անոնք կենդանի են, պատերազմին մէջ առած ծանր վէրքերնէն ետքը Տեղաց անապատի ճգնաւորներուն մէկէն խնամուած ու բժշկուած են, եւ թէ Պարսիկներուն դաւաճանութենէն վախնալով, Վրաց եւ Տայոց սահմանի լեռներուն մէջ պահուըտած են: Զրոյցը այնչափ զօրացաւ, եւ ազգականներուն հետաքրքրութիւնը այնչափ շատցաւ, որ Մուշեղ Մամիկոնեան ընտիր գունդով մը ձմեռն ամբողջ ցրտաշունչ եւ ձիւնապատ լեռներուն վրայ անցուց անպտուղ հետապնդութեամբ (ՓԱՐ. 143):

311. ՅԱԶԴ ՍԻՒՆԻ ԵՒ ՏԵԱՌՆԹԱԳ

Երբոր Միհրան Պարսկաստան կը դառնար, Հրահատ Կամսարականը եւ Յազդ Սիւնին մէկտեղ կը տանէր, իբրեւ ազնիւ նուէր մը Պերոզի ընծայելու: Ներսէհ Կամսարական, որ եղբօրը գերութեան վրայ անմխիթար էր, քանի մը ընկերներով եւ գաղտնի կերպով Պարսից բանակին կը հետեւէր, որպէսզի կերպով մը եղբայրը փախցնէ ու ազատէ: Այս նպատակով մինչեւ Բագրեւանդ հետեւեցաւ: Ուրիշ միջոցներու հետ աղօթքն ալ չէր մոռնար: Գիշեր մը եռանդուն հառաչանքով Լուսաւորչի օգնութեան դիմեց, որուն հիմնարկած սրբավայրին մօտ կը գտնուէր. Ներսէհի աղօթքը ընդունուեցաւ, Հրահատ կրցաւ նոյն գիշեր պահպանութիւնը խաբել եւ եղբօրը միանալ, եւ երկուքն ալ միասին իրենց երկրին ճամբան բռնեցին: Սակայն Հրահատի փախուստին վրայ Յազդի վիճակը վտանգուեցաւ: Գդիհոն Սիւնի, Յազդի դէմ անձնապէս ալ գրգռուած, քսութիւնը շատցուց: Առաւօտուն Յազդ դատաստանի քաշուեցաւ, եւ իբր ազատութեան միջոց ուրացութեան հրաւիրուեցաւ, որուն արիութեամբ դիմադրեց երանելի սեպուհը, ոչ սպառնալիքներէ տկարացաւ եւ ոչ հրապոյրներէ խաբուեցաւ, եւ նոյն օր նոյն տեղ գլխատմամբ կատարուեցաւ, Բագրեւանդայ Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն իբրեւ երկու քարընկէց հեռու, Նպատ լերան ստորոտը: Կատարման օրը նշանակուած է հոռի 16-ը, որ շարժական տոմարով կը լինի 482 Սեպտեմբեր 12-ը: Նահատակին մարմինը թաղուեցաւ անդէն ի սուրբ մատրանն Գրիգորի, այսինքն Ս. Յովհաննու Գրիգորաշէն տաճարին մօտ (ՓԱՐ. 141): Այդ ժամանակին կ՚իյնայ եւս Տեառնթագ Արշարունիի նահատակութիւնը, բնիկ Կալոց գիւղէն, եւ Շիրակի Բեռնոս գիւղին մէջ թաղուած: Ասողիկ կ՚ըսէ վկայեալ վասն Քրիստոսի քաջութեամբ, սակայն ուրիշ բան չ՚աւելցներ, որ պարագաներուն եւ առիթներուն վրայ տեղեկութիւն ունենայինք: Նահատակութիւնը հրամայող պարսիկ զօրավարին անունը գրուած է Զաւ Միհրան Հազարաւուխտ, եւ յայտնի չէ թէ Յազդը նահատակող նոյնինքն Միհրանն է, թէ ոչ անկէ ետքը եկող Հազարաւուխտը (ԱՍՈ. 81): Հետեւաբար թւականն ալ չենք կրնար ճշդել, թէպէտ փակեալ կը մնայ 482 եւ 483 տարիներու մէջ:

312. ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ

Ձմեռը նորէն հանդարտ անցաւ, վասնզի երկու կողմերուն համար ալ դժուար էր ձիւնի եւ ցուրտի ներքեւ աշխատիլ: Սակայն 483 գարնան սկիզբը, եւ ամենայն հաւանութեամբ Զատիկէն անմիջապէս ետք, որ այն տարի Ապրիլ 10-ին կ՚իյնար, յանկարծ Զարմիհր Հազարաւուխտ Արտաշատ հասաւ, երբ Վահան Դունի մէջ էր իր սակաւաթիւ գունդով: Իրեն հետ էր Յովհան կաթողիկոս ալ: Վահանի կացութիւնը վտանգաւոր պիտի ըլլար, եթէ Հազարաւուխտ քաղաքը պաշարէր իր բազմաթիւ բանակով. ուստի նա փորձեց դաշտին մէջ պատերազմիլ: Քաղաքէն դուրս խոյացաւ քաջասրտաբար, լաւ կոտորած մը ըրաւ Պարսից մէջ, բայց չկրցաւ աւելի դիմանալ, եւ պարտաւորուեցաւ հեռանալ, որ եղաւ քաջաբար փախուստ առն հզօրի: Իրեններէն ինկան Որդի Դիմաքսեան եւ Քաջաջ Սահառունի, Յովհան կաթողիկոս ալ, որ ձիու վրայ Վահանի գունդին հետ էր, վիրաւորուած ինկաւ, բայց Աստուած խնայեաց յուխտասէր հօտն իւր, եւ շնորհեց իրեն ողջ զհայրն սուրբ: Նոյն միջոցին կը հասնէր Մուշեղ Մամիկոնեան, Տայոց լեռներու տարապարտ թափառումէն, բայց չկրցաւ ուրիշ բան ընել, բայց եթէ Վահանի միանալով դիմել դէպի Տայոց եւ Խաղտեաց լեռները: Հազարաւուխտ Վահանը հալածելով Ոքաղէ, այժմ Թորդում, գաւառը անցաւ, ու Շաղագոմի գաւառը մտաւ, այժմեան Մասթատէրէ ձորը, բայց Վահան հեռացած էր, եւ միայն կրցաւ Ներսէհ ու Հրահատ Կամսարականներու կիները գերել, եւ պատուով ու սրբութեամբ պահել, որպէսզի այս կերպով անոնց ամուսինները անձնատուր լինելու հրապուրէ: Հազարաւուխտ Բասենի Դու գիւղը կը գտնուէր, երբոր հրաման ստացաւ Պերոզէ, որ Հեփթաղներու դաշնակից Վախթանգին վրայ երթայ, մինչ ինքն Պերոզ ուղղակի Հեփթաղներուն դէմ կը քալէր, իսկ Հայաստանի մարզպանութիւնն ու հրամանատարութիւնը կը յանձնուէր Շապուհ Միհրանի (ՓԱՐ. 144-146): Հազարաւուխտ յանձնարարած էր Շապուհի` Կամսարական տիկինները սրբութեամբ պահել, եւ անոնց ամուսինները շահելու աշխատիլ: Տիկիններ Բասենի Բողբերդ ամրոցը դրուեցան Յզատվշնասպ բերդակալի հսկողութեան տակ, եւ յատուկ պատգամաւորներ ղրկուեցան Ներսէհի ու Հրահատի մեծամեծ խոստումներով, եթէ անձնատուր ըլլան, մանաւանդ եթէ Վահանն ալ սպաննեն: Սակայն Կամսարականները խստութեամբ մերժեցին եղած առաջարկները, եւ Վահանի հետ շարունակ կը նեղէին Պարսից գունդերը: Վահան, Տայոց կողմերէն իջնելով, եւ Կարնոյ դաշտին արեւելակողմի լեռներէն քերելով դէպի Հաշտենից գաւառը կը յառաջէր, իբր աւելի ապահով եւ օգնութիւն ընդունելու յարմար տեղ մը: Ամառը անցեր էր այդ մանր կռիւներով, որովհետեւ երբ Մուշեղ Մամիկոնեան եւ Ներսէհ Կամսարական Կարնոյ Արծաթի գիւղէն կ՚անցնէին, արդէն գիւղացիք հնձելու վրայ էին (ՓԱՐ. 148): Այնտեղ յիշեալ երկուքը Խուրս Արշամունիի հետ Պարսիկները ցրուելէ ետքը, Վահանի հետ կը միանային Արշամունեաց Երէզ գիւղը, ուր Վահանեանք նորէն կը յաջողէին Պարսիկները շփոթել եւ ցրուել, եւ կ՚անցնէին Շտեայ գիւղը: Գլխաւորներէն Գաբաղ Գաբեղեան միայն կը մեռնէր Երէզի կռւոյն մէջ: Շապուհ զօրավար Գդիհոն Սիւնիի խորհրդով վերջնական յարձակում մը կը պատրաստէր Վահանի դէմ, որ աւելի տկարացած էր իրեններուն մի մասին ալ յուսահատութենէ եւ յոգնութենէ ստիպուած հեռանալովը: Բայց Վահան իր փոքրիկ գունդովը (ՓԱՐ. 152), եւ Ներսէհ ու Հրահատ ու Սահակ Կամսարականներու եւ Մուշեղ Մամիկոնեանի օգնութեամբ, կը կանխէր անպատրաստ Պարսիկներուն վրայ յարձակիլ, Գդիհոն Սիւնին կը սպաննէր, Սիւնեաց գունդը կը ցրուէր, եւ Պարսիկներ, գրեթէ ապշած փախչելու կը նայէին, մինչեւ ինքն իսկ Շապուհ գերմարդկային զօրութեան մը կը վերագրէր գործը, եւ իր գունդերը կը հաւաքէր Բասենի Ալուար գիւղը: Շտեայի պատերազմին մէջ Հայոց կողմէ ինկողներուն մէջ յանուանէ կը յիշուին Քոնթ Ասւաւենեան, Ներս Յովսեպեան, Ատգէն Վանանդացի եւ Ղերպարգոս Յոյն (ՓԱՐ. 153): Վահան, որչափ ալ Շտեայի պատերազմին մէջ յաջողած, սակայն շարունակ վտանգի ենթակայ էր Պարսիկ գունդերուն շատութեան, եւ իր հետեւողներուն սակաւութեան պատճառով, եւ յուսաբեկ խորհուրդով կը տառապէր:

313. ՎԱՂԱՐՇԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Երբ կարծես թէ այլեւս Վահանի կազմակերպած շարժումը վերջնական ձախողութեան կը մօտենար, նախախնամական օգնութիւն մը կու գար իրաց կերպարանը փոփոխել, եւ անակնկալ յաջողութեան դուռ բանալ: Շապուհ Միհրան Ալուարի մէջ նոր յարձակման պատրաստութիւններով կը զբաղէր, երբ Պարսկաստանէ հասնող պնդադեսպաններ գոյժ կը բերէին, թէ Հեփթաղաց պատերազմը ձախող եղաւ Պարսից համար, թէ Պերոզ ինքն ալ սպաննուեցաւ, թէ Հեփթաղներ համարձակ կը քալեն Պասկաստանի վրայ, թէ պէտք է բոլոր Պարսիկ ոյժեր երկրին պաշտպանութեան վազեն: Ձմեռնային ամիսներու մէջ էր երբ Երէզի եւ Շտեայի պատերազմները տեղի ունեցան, եւ 484-ի ամառուան մէջ էր, որ Շապուհ Հայաստանը թողուց իր բոլոր գունդերով: Նոյնը ըրաւ Հազարաւուխտ ալ Վրաստանը թողլով, եւ բոլոր Պարսիկ նախարարներ Տիզբոնի մէջ հաւաքուելով Պերոզի եղբայր Վաղարշը թագաւոր հռչակեցին, ճանչնալով զնա իբրեւ այր բարերար եւ հեզ: Միանգամայն ամէնքն ալ յոգնած եւ ձանձրացած ըլլալով Պերոզի ընթացքէն, համարձակ կը յայտարարէին թէ նա բռնութեամբ միայն, ըստ կամի զոր ինչ եւ կամէր առնէր, բնաւ համարելով ինչ զոք (ՓԱՐ. 157), որով եւ խորհուրդ կու տային Վաղարշի, մէկ կողմ թողուլ անօգուտ ձգտումները, կրօնական հալածանքները դադրեցնել, հպատակ ազգերը շահելու աշխատիլ, եւ թագաւորութեան երկիրները շէնցնելով, Պարսկական գանձին եւ արքունիքին եւ ժողովուրդին բարօրութեան աշխատիլ: Այս խրատները տուողներուն գլուխ կը գտնուէր նոյնինքն Զառմիհր Հազարաւուխտ, որ Հայաստան եկած էր: Անոր խօսքերը կը հաստատէր Շապուհ Միհրան, եւ Վահանի եւ Հայերուն քաջութիւնները կը պատմէր, որք քանի մը հարիւր հոգիով հազարաւորներու բանակները յաջողեցան ցրուել (ՓԱՐ. 158): Վաղարշ, ի բնէ խաղաղասէր, սիրով կ՚ընդունէր առաջարկը եւ իր աւագանիին հետ կը վճռէր ըստ այնմ գործել:

314. ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Երբոր Շապուհ Միհրան մեկնեցաւ, նորէն Հայաստան Պարսից կողմանէ լքուեցաւ, եւ Վահան համարձակեցաւ երկրին կառավարութիւնը ստանձնել, որովհետեւ առաջին յաջողութեան նշոյլը բաւական կ՚ըլլար թերահաւատները քաջալերել, յուսաբեկները յուսադրել, կեղծուրացները համարձակեցնել: Նորէն Վահան իր շուրջը խմբուած կը գտնէր ազգը, եւ իր խօսքերն ու հրամանները ամենէն կը յարգուէին: Երբոր ստուգեց Շապուհի ամբողջ գունդերով հեռանալը, եւ իմացաւ մեկնելուն պատճառները, Վահան համարձակութեամբ ելաւ Արշամունեաց, այժմեան Վարդովի գաւառէն` ուր կը գտնուէր, եւ յաղթականի պէս եկաւ Արարատ, ուր իրեն հետ միացան ողջախորհուրդ եւ աննենգ ուխտապահ նախարարները, եւ ի սուրբ եկեղեցւոջն կաթողիկէի ի Վաղարշապատ կատարեց զսովորական ուխտս եւ զպատարագս, եւ կուսանաց վկայարաններուն տեղերուն մէջ զաղքատացն զպէտս բաշխել տուաւ հանդիսաւոր մատաղներով, ուր եւ իրենք ալ ուրախացեալք զուարճանային խնդութեամբ: Անշուշտ Յովհան կաթողիկոսն էր այդ հոգեւոր տօնախմբութեանց հանդիսադիրը, որ Դուինի մօտ առած վէրքերէն բժշկուած` նորէն հայրապետանոցին հոգերով կը զբաղէր, ազգին կառավարութեան գործերն ալ կատարելով, յորմէհետէ Սահակ մարզպան սպաննուեցաւ եւ Վահան սպարապետ, գրեթէ տարիէ մը ի վեր թափառական կը պտըտէր, Պարսիկները նեղելով: Վաղարշապատի տօնախմբութիւնները ի դէպ է դնել 484 տարւոյ վերջերը: Հոգեւորական պարտաւորութիւնները լրացնելէն ետքը ամէնքնին մէկտեղ յոստանն ի Դուին մտանէին, ազգային գործերուն մտադրութիւն դարձնելու նպատակով, եւ դադարեալ անդ աւուրս ` սպասէին, չգիտնալով թէ ինչ վերջ պիտի կարենայ ունենալ անորոշ վիճակը, եւ թէ ինչ ուղղութիւն պիտի բռնէ Վաղարշ նոր թագաւորը: Բոլոր յոյսերնին Աստուծոյ վրայ դրած էին, որ մինչեւ այն ատեն չէր զլացած իրենց` իր վերնային օժանդակութիւնը, եւ որուն մի լուսաւոր նշանը կը ներկայանար Պերոզի մահն ալ (ՓԱՐ. 157): Այդ խորհուրդներու մէջ էին կաթողիկոս եւ սպարապետ եւ նախարարներ, երբ Պարսից կողմանէ պատուիրակ կը հասնէին Շապուհ խորհրդեան դպիր եւ Միհրվշնասպ Ճուարշացի, եւ Վահանի ներկայանալով կը յայտարարէին, թէ Վաղարշ թագաւոր կ՚ուզէ սէր եւ խաղաղութիւն հաստատել Հայերուն հետ, եւ այս նպատակով յատուկ պաշտօն տուած է Նիխոր Վշնասպդատ նախարարին, որ Հեր գաւառի Նուարսակ գիւղի մէջ կը սպասէ, եւ կ՚ուզէ իրեն հետը տեսակցիլ եւ բանակցիլ: Նիխոր թէպէտ խաղաղութեամբ բանակցելու պաշտօն ունէր, այլ Հայերուն կողմէն խաղի չգալու համար գունդերով եկած, եւ բանակած էր Հեր գաւառի մէջ: Վահան 24 ժամ ատեն կ՚առնէր պատասխանելու համար, եւ անմիջապէս նախարարաց ժողով կը գումարէր, հարկաւ կաթողիկոսին ալ մասնակցութեամբ, եւ միւս օր պատգամաւորներուն կը պատասխանէր, թէ ամէն բանակցութենէ առաջ պէտք է որ երեք կէտի վրայ Պարսից արքունիքը բացարձակ խոստում եւ ապահովութիւն տայ: 1. Քրիստոնէութիւնը ազատ ըլլայ, ոչ ոք ուրացութեան հրաւիրուի, ուրացութիւնը արժանիք չսեպուի, քրիստոնէական պաշտամունքը ազատութեամբ կատարուին, կրակարաններ Հայաստանի մէջ փակուին: 2. Պաշտօններու համար լաւն ու վատթարը, պիտանին ու անպիտանը, տոհմիկն ու անտոհմիկը, վաստակաւորն ու անվաստակը, իմաստունն ու անմիտը արդարութեամբ որոշուին, եւ անարժաններ առջեւ չքաշուին: 3. Երբոր ազգին ու երկրի մասին խնդիրներ ըլլան, թագաւորն ինքը տեսնէ ու դատէ, եւ ուրիշներուն աչքով ու ականջով վճիռ չտայ:

315. ՎԱՀԱՆ ՆԻԽՈՐԻ ՄՕՏ

Երկու պատգամաւորներ դժուարութիւն չցուցուցին առաջարկուած պայմաններուն վրայ, եւ սիրով յանձն առին երթալ Նիխորի հաղորդել: Վահան հարկ սեպեց իր կողմէն ալ պատգամաւորներ դնել, որպէսզի գործոց ընթացքին վրայ վստահութիւն ունենայ: Իրեն ընտրածներն եղան, Յաշկուր Արծրունի, Սահակ Կամսարական, Առաւան Աղբերկացի, Պաճոկ Մարդպետական եւ Վասաւուրտ Կարքային` թերեւս Հարքացին: Նիխոր ոչ միայն հաւանեցաւ, այլեւ գովեց Վահանի առաջարկները, որք ընդհանուր բարօրութեան հետ տէրութեան շահերուն ալ նպաստաւոր էին` Արդար եւ աստուածոց արժանի են, ըսաւ: Չափազանց պատուեց ուխտապահ պատգամաւորները, մինչեւ ուրացեալներուն նախանձը շարժելու չափ, որք ինքզինքնին արհամարհեալք եւ լի ամօթով կը գտնէին(ՓԱՐ. 163): Գործը վերջացնելու համար Վահանի ներկայութիւնը անհրաժեշտ ըլլալուն, նորէն հրաւէրը կրկնեց Նիխոր: Երբոր Պարսիկ ու Հայ պատգամաւորներ Դուին վերադարձան, եւ մխիթարական լուրեր բերին, Վահանի երթալը որոշուեցաւ, եւ բաւական գունդ մը մէկտեղ առնելով, եկաւ նոյն Արտազու դաշտը, որ հռչակաւոր եղած էր Աւարայրի եւ Ներսեհապատի պատերազմներով, եւ Եղինդ գիւղէն Ներսէհ Կամսարականը ղրկեց Նիխորի, որ Պարսիկ պատանդներ յանձնէ, որպէսզի ինքը վստահօրէն Պարսից բանակը գայ: Նիխոր ութը մեծ նախարարներ յղեց Ներսէհի հետ, որոնց մէջ էին Բազէ շահապ Ատրպատականի, Վեհվեհնամ նախկին հազարապետը, եւ Ներշապուհ եղբայր Միհրան զօրավարին: Անոր վրայ Վահան իր գունդերով մինչեւ Նուարսակ գնաց, եւ Նիխորի բանակը մտած ատեն փողերը հնչել տուաւ: Նիխոր քաղցրութեամբ դիտել տուաւ, թէ փողով սպարապետն միայն իշխէ մտանել յԱրեաց բանակ, եւ թէ Վահան պէտք էր այդ ձեւակերպութիւնները գիտնար: Վահան պատասխանեց, Նախ արա ' զիս Արեաց տեառն ծառայ, եւ անկէ ետքը կը պահեմ ձեւակերպութիւնները, որոնց անտեղեակ չեմ (ՓԱՐ. 165): Տեսակցութիւնը շատ սիրալիր եղաւ, եւ ժամերով երկարեցան խօսակցութիւնները. Պարսիկ գլխաւորներ Վահանի ներկայացան եւ Հայոց գլխաւորներ Պարսիկներէ հրաւիրուեցան պատուասիրութիւններ չափազանց առատացան, եւ անցած եղելութեանց վրայ երկու կողմանէ բացատրութիւններ տրուեցան, բոլոր վնասը Պերոզի անձին վրայ ծանրացնելով (ՓԱՐ. 165-168): Վահան իր երեք առաջարկները կրկնեց, աւելցնելով, թէ իրենց համար պարգեւ եւ շքեղութիւն չի խնդրեր, թող թագաւորը արժանաւորին շնորհէ. միայն երեք պայմանները, կ՚ըսէ, շնորհեցէք մեզ գրով եւ կնքով ի թագաւորէն: Նիխոր կը խոստանայ, եւ աւուրս քանի մի հիւր կը պահէ Հայերը, որ միասին ուրախանան, պաշտօնական ընթրիքներ կու տայ, միայն ուխտապահները հրաւիրելով, եւ ուրացեալները դուրս թողլով, այնպէս որ ասոնք ալ հանդէսներու տեղերը մտնելու համար կը պարտաւորուէին ըսել, թէ յապստամբացն գնդէն եմ (ՓԱՐ. 170): Քանի մը օրէն ետքը իրարմէ զատուեցան. Նիխոր խնդրեց որ Հայ բանակ մը անմիջապէս ղրկուի Պարսկաստան Վաղարշի օգնութեան, վասնզի Պերոզի որդին Զարեհ` ժառանգութեան համար ապստամբութիւն յարուցած էր: Վահան Դուին դարձածին պէս, ուզուած գունդը պատրաստեց Վրէն Վանանդեցիի հրամանատարութեամբ, անոր օգնական տալով իր Վասակ եղբօրը որդին` Գրիգոր Մամիկոնեանը, եւ ինքն ալ պատրաստուեցաւ Տիզբոն երթալ անոնց ետեւէն, եւ թագաւորին հետ անձամբ հաշտութեան պայմանները եւ պէտք եղած կարգադրութիւնները վերջացնել: Այդ ամէն եղելութեանց մէջ կաթողիկոսը իր բարձր դերն ու հովանաւորութիւնն ունէր, զոր կարճ կերպով մը կ՚ամփոփէ Փարպեցին, յիշելով թէ Յովհան էր, որ յուղարկեացն իսկ ի դուռն զամենեսեան, այսինքն է ի Տիզբոն (ՓԱՐ. 176):

316. ՎԱՀԱՆ ՍՊԱՐԱՊԵՏ

Շատ փառաւոր եղաւ Վահանի Տիզբոն մտնելը, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ պատերազմող Պարսիկ զօրավարներ, Վաղարշի միտքը պատրաստած էին նպաստաւոր տեղեկութիւններով: Լաւ տպաւորութիւն ըրած էին նաեւ Զարեհի դէմ գացող հայագունդին ընթացքը, եւ Վրէնի ու Գրիգորի քաջութիւնը, որք Զարեհը գերելով Վաղարշին յանձնած էին, եւ սա հրամայած էր իր եղբօրորդին հրապարակին վրայ փողոտել յանխնայ (ՓԱՐ. 172): Վահանի հասած օրը հանգիստ տրուեցաւ. միւս օրը հանդիսաւորապէս թագաւորին ներկայացաւ, եւ փոխադարձ ատենաբանութիւններով եղելութիւնները պարզուեցան: Վահան նորէն պահանջեց երեք պայմանները, պնդելով թէ չեն կրնար ընդունիլ կրօնք մը, զոր իրենք իբրեւ ճշմարիտ չեն ճանչնար: Վաղարշ յայտնեց թէ ոչ ոքի բռնադատութիւն կ՚ընէ, եւ թէ Հայոց ու Վահանի ապստաբմական գործերը կը նկատէ իբր Պերոզի բռնութեանց դէմ բողոք մը, ու պատիժի արժանի չի սեպեր: Պարսից աւագանին իսկ յորդորեց Վաղարշ թագաւորը` որ Հայաստանի սպարապետութիւնը Վահանի թողու Մամիկոնեանց տանուտէրութեան հետ. միւս նախարարներուն ալ պատիւներ եղան ըստ անձին արժանաւորութեան. հարկաւ այդ առթիւ Մանդակունին կաթողիկոսութիւնն ալ պետական հաստատութեամբ վաւերացաւ: Վահան առանձինն խնդիրք ըրաւ Կամսարականաց տանուտէրութիւնը Ներսէհի տալու, եւ հաւանութիւն ստացաւ: Այլ Արծրունեաց տանուտէրութիւնը յետաձգուեցաւ, մինչեւ որ յաջողին վաստակաւ ինչ յօգուտ Արեաց աշխարհի վաստակիլ (ՓԱՐ. 172-176): Հայաստանի մարզպանութեան համար ալ ընտրուեցաւ Անդեկան, այր խելացի, մտադիր, իմաստահայեաց (ՓԱՐ. 177): Այսպէս ամենայն ինչ յաջողութեամբ աւարտելով, ու գրով եւ կնքով թագաւորին` առաջարկներուն հաստատութիւնը ընդունելով, սպարապետն Վահան եւ հետեւող նախարարներ, փառքով ու խնդութեամբ Տիզբոնէ մեկնեցան: Յոհան կաթողիկոս զիրենք դիմաւորեց Խաչով եւ Լուսաւորչի մասունքով, եւ ողջունէր զնոսա օրհնութեան համբուրիւ: Նախ գային ի քաղաքն Վաղարշապատ, որ եւ Նոր - Քաղաք, ուր ի սուրբ եկեղեցւոջ կաթողիկէին, եւ ի տեղիս նահատակելոց կուսանաց, ցնծութեամբ, սաղմոսիւք, եւ ճառիւք հոգեւորական հանդէսներ կը կատարէին, եւ զուխտս եւ զնուէրս կ՚ընծայէին: Կային անդ աւուրս, եւ ապա ամէնքնին մէկտեղ բազմութեամբ կու գային ի բուն ոստանն Հայոց ի Դուին, որ նոյն ժամանակին մայրաքաղաքն էր, ուր եւ եկած հաստատուած էր Անդեկան մարզպան (ՓԱՐ. 176): Փարպեցին, որ ամէն մանրամասնութիւններով այդ եղելութիւնները կը պատմէ, օր եւ ամիս յայտնող բառ մըն ալ չունի, որ ըստ այնմ իրողութեանց ժամանակագրութիւնը կազմենք: Շապուհ Միհրանի մեկնիլը 484-ի աշունին սկիզբները նշանակեցինք, անկէ ետքը տեղի ունեցած բանակցութիւնները եւ ճամբորդութիւնները նկատի առնելով, եւ տեղափոխութեանց ու գործողութեանց պէտք եղած ժամանակները հաշուելով, նոյնիսկ ձմեռնային եղանակի մէջ ալ եղելութեանց շարունակած լինելը ենթադրելով, հնար չէ 485-ի գարունէն առաջ լրացած կարծել այդ ամէն գործերը, եւ Վահան սպարապետին Դուինի մէջ պաշտօնապէս հաստատուիլը:

317. ՎԱՀԱՆ ՄԱՐԶՊԱՆ

Որչափ ատեն տեւեց Անդեկանի մարզպանութիւնը դժուար է քաղել Փարպեցիին գրածէն: Միայն կ՚ըսէ թէ Անդեկան օրըստօրէ տեսանելով Վահանի ձիրքերը, եւ նկատի առնելով որ ամէն յաջողութիւն ի ձեռս նորա ամենայն դիւրաւ վճարի եւ անաշխատութեամբ, մտածեց, որ օգտակարագոյն պիտի ըլլար մարզպանութիւնն ալ սպարապետութեան հետ անոր յանձնել: Այդ խորհրդով Տիզբոն դարձաւ, ամէն բան մանրամասնօրէն թագաւորին եւ աւագանիին ներկայեց, որ իր առաջարկին հաւանեցնէ: Դիտել տուաւ թէ Հայոց աշխարհն մեծ է, եւ թէ դուրսէն գացող Պարսիկ մը հազիւ թէ յամս երկուս եւ երիս կրնայ ճանաչել զիրս աշխարհին եւ զմարդիկ աշխարհին, իսկ բնիկը արդէն ամէն բան գիտէ: Աւելցուց ալ որ Պարսիկ մարզպանը զԱրեաց տեառն ռոճիկ ուտէ, մինչ բնիկը զիւր տանն համբար ուտէ, եւ մարզպանին ընելիք ծախքը արքունի իրաց օգուտ լինի: Այնչափ խօսեցաւ Անդեկան, որ վերջապէս ամէնքը համոզեց, Վահանի անունով մարզպանութեան հրովարտակ գրել տուաւ, եւ յատուկ դեսպանով ուղղակի Վահանի ձեռքը հասցուց: Վահան պահ մը շուարեցաւ, եւ զխանդածութիւն Հայ մարդկան ճանաչելով ծանրանայր, սակայն ոչ վայել էր եւ ոչ ալ օգտակար էր զայն մերժել: Դժուարին վայրկեանին մէջ, իբր ճշմարիտ բարեպաշտ, կը փութար անմիջապէս երթալ ի տունն Աստուծոյ: Հնար չէր որ եղելութիւնը գաղտնի մնար, եւ բոլոր քաղաքին ժողովուրդը, ամէն աստիճանէ եւ ամէն հասակէ, զայն լսելով դիմեալ ընթանային յեկեղեցին: Տարբեր էին զգացումները բազմութեան մէջ, վասնզի եթէ աստուածասէր բարեսիրաց եւ ողջախորհուրդ մտաց լուսահայեցաց համար` Վահանի պաշտօնը անսպառ ուրախութիւն կը պատճառէր, անդին խօթամտաց եւ խարդախաց կողմը, այսինքն ուրացութեամբ բախտ փնտռողներ եւ սուտ նախանձայուզութեամբ ուխտապահներու դէմ եղողներ, կը պատրաստուէին սուգ թախծալից եւ տրտմութիւնք անմխիթար ունենալ, մտածելով թէ ինչ վրէժխնդրութեան արկածներ կրնայ բերել իրենց գլխուն Մամիկոնեան Վահանը, մարզպանութեան եւ սպարապետութեան պաշտօնները միանգամայն ձեռք անցուցած ըլլալով, եւ Պարսիկ արքունիքին համակրանքն ու վստահութիւնը վայելելով: Ընդհանուր եռանդին ժամանակ, մէջտեղ կ՚երեւէր Մանդակունին, ինքն ալ այլյայլմէ եղած տեսեալ զանկարծելի աւետաւորութիւնն, եւ յատուկ գոհաբանական արարողութիւն մը կը կատարէր սաղմոսներով եւ խորհրդաւոր կարդացմունքներով, զոր օրինակ, Իսրայէլին ազատութիւնը Փարաւոնին ծառայութենէն, եւ Սողոմոնի թագաւոր հռչակուիլը: Ինքն ալ բեմ բարձրանալով ի տեղի լսողութեան աստիճանին, գեղեցիկ եւ իմաստալից յորդորական մը կը խօսէր հաւաքեալ բազմութեան: Այստեղ ալ Փարպեցին պզտիկ ակնարկ մը անգամ չունի, ուստից կարենանք հետեւցնել, թէ ինչչափ ատեն վարեց Անդեկան մարզպանութեան պաշտօնը, եւ թէ ե՞րբ հասաւ Վահանի ձեռքը մարզպանութեան հրովարտակը: Անեցին իր հաշուով 507-ին կը դնէ Վահանի մարզպանութիւնը (ՍԱՄ. 72), որուն սխալ լինելը յայտնի է: Բայց եթէ ինչպէս Քաղկեդոնի ժողովին թուականը պէտք կը լինի ուղղել, 473-ը 451-ի վերածելով, ասկէ ալ 22 տարի պիտի զեղչենք, կ՚ունենանք 485 թուականը, որ յարմար կու գայ մեր ժամանակագրութեան կարգին, 485 գարունին սպարապետութիւնը եւ 485 աշունին վերջերը մարզպանութիւնը դնելով:

318. ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻԻՆ ՃԱՌԸ

Փարպեցի իր պատմութիւնը կը փակէ Մանդակունիին ատենաբանութեամբը, զոր խօսած է սա Դուինի եկեղեցւոյն մէջ, Վահանի մարզպանութեան աւետիսը տօնախմբելու առթիւ: Ընդարձակօրէն յառաջ բերուած է այդ ատենաբանութիւնը (ՓԱՐ. 179-182): Բայց հակառակ ընդարձակութեան, կանոնաւոր ձեւ մը չունի, որ ըսենք թէ պատմագիրը զայն կազմած ու կոկած է, այլ կցկտուր հատուածներով եւ անկապակից ակնարկներով կազմուած ամբողջութիւն մըն է, որ մեր կարծեօք, ատենաբանութեան վաւերական ըլլալուն նշանն է: Փարպեցին հարկաւ անձամբ ներկայ էր Դըւնայ եկեղեցիին մէջ, երբոր Մանդակունին կը խօսէր, եւ ինչ որ նշանակելով ու յիշելով կրցած է հաւաքել, զայն նոյնութեամբ յառաջ կը բերէ: Սղագրութեան արհեստը չունէր որ աւելի կատարեալ կերպով կարենար ատենաբանին խօսածը գիրի առնել, որով գրաւիչ եւ նշանաւոր կէտերը միայն կրցած է նշանակել: Նմանօրինակ բաներ այսօր ալ կը կարդանք մեր լրագիրներուն մէջ, երբոր ատենաբանութեանց ամփոփումներ կու տան, առանց սղագրութենէ օգտուելու, կցկտուր իմաստներ են գիրի առնուածները: Բայց ինչպէս ըսինք, այդ պարագան նշան է որ պատմագիրը իրմէ բան աւելցնել ուզած չէ: Իսկ ատենաբանութեան տիրող իմաստը եւ ատենաբանին զգացումները ճշդելու համար, պէտք է լաւ իմաստասիրել այն վիճակը, յորում Մանդակունին կը գտնուէր: Անակնկալ յաջողութիւնը եւ անսպասելի կացութիւնը, որով Հայոց երկրին բախտը քրիստոնեայ Հայու մը, եւ այն ալ Վահանի պէս մեծահաւատ եւ տարիներով հաւատքի համար մաքառող Հայու մը ձեռք կը յանձնուի, այնպիսի մեծ աւետիս մըն էր, որ իրաւցնէ այլյայլմէ ըլլալու կը հասցնէր հայրապետը: Մարզպաններ մեր կուսակալներուն պէս ամփոփ շրջանակի մէջ գործող պաշտօնեաներ չէին, բացարձակ տէր էին կենաց եւ մահու, ընչից եւ բախտի, իրենց կամքն էր իրենց օրէնքը: Այդ պայմաններու ներքեւ կը յանձնուէր Հայաստան Վահանի ձեռքը, գրեթէ կէս դարէ ի վեր Պարսից բռնական եւ կրօնամոլական տիրապետութենէ ետքը: Վարդանի եւ Հմայեակի ոսկերոտիքն ալ կը խայտային Վահանին ձեռք ձգած յաջողութեան վրայ: Երբ մէկ կողմէն Մանդակունին այդ մտածումներով կը բորբոքուէր, միւս կողմանէ կը տեսնէր իր հօտին մէջ տիրապետող հակառակութեան հոգին: Հայոց մի լաւ կէսը գլուխ ծռած, համակերպած, կեղծած, հետեւած, օգտուած էր Պարսիկ բռնութեան կերպերէն, եւ ուխտապահ ազգակիցները հալածած, վշտացուցած, եւ վնասներու հանդիպցուցած էր: Այս անգամ դերերը կը փոխուէին, ուխտապահներն էին որ համարձակութիւն կը ստանային, եւ ուխտանենգներն էին որ վտանգի կ՚ենթարկուէին: Հարկաւ այն անհամար բազմութեան մէջ, շատեր յաջողութիւններէն գինովցած, տեսակ տեսակ վրէժխնդրութեան սպառնալիքներ կը կուտակէին հին սպառնացողներուն գլխուն, եւ նոր երկպառակութեանց սերմեր կը սկսէին երեւնալ ժողովուրդին մէջ, Հայ ուխտապահ մարզպանին հովանաւորութեամբ ուխտանենգները ճզմելու: Յովհան, ընդհանուր ժողովուրդին հայրը, ամէնը շահելու հետամուտ, մոլորեալներուն ընկճումը տեսնելով անոնք ուղղութեան բերելու ջանացկոտ, նա փոխադարձ հաշտութեան, անյիշաչար ներողամտութեան, տկարացելոց արգահատման քարոզն է որ կը խօսի, կարծես թէ վրիժառութեամբ մոլեգնեալ ամբոխ մը հանդարտեցնել կը ճգնի: Չի կրնար ամենայն ինչ բաց խօսքերով արտասանել, չի համարձակիր ամէն ճշմարտութիւն անպատրուակ հռչակել, չ՚ուզեր ուխտապահներուն նախանձայուզութիւնը վիրաւորել, չի փափաքիր ուխտանենգներուն յանձնապաստանութիւն ներշնչել: Այդ տարբերեալ իղձերն ու այդ փափուկ զգացումներն են, որով լեցուած է Մանդակունին, եւ այդ սիրտէն կը բղխին նորա խօսքերը, զորս իրաւամբ գնահատած է Փարպեցին, եւ նախնական ձեւին մէջ մեզի հասցուցած է, չհամարձակելով արուեստական ոճերով անոնց վեհութիւնը խանգարել: Երբոր այդ ոգւով կարդացուին Մանդակունիին խօսքերը, այն ատեն երեւան կու գայ անոնց բարձրութիւնը: Անկելոց ներողամտութիւնն է անոր քարոզածը, թշնամեաց սէր, անարգելոց արգահատանք: Ճշմարիտ հայր մը ժողովուրդին, հայրապետ քաջարթուն, հովիւ բարեգութ, փոխադարձ միաւորութեան կերպով կ՚ուզէ իր հօտը պահպանել ամբողջութեամբ: Ուրախութեան ամենէն խօլական մէկ վայրկեանին, ամենէն կենսական եւ ամենէն իմաստուն ու վեհ ձգտումներն են, որ իր սիրտէն կը բխին, եւ զոր իրեններուն կը ջանայ ներշնչել: Անյարմար բանք չեն Մանդակունիին ատենաբանութեան խօսքերը, ինչպէս նիւթը ձեւին զոհող քննադատներ կը կարծեն, այլ ընդհակառակն բարձրախոհ հոգւոյն մը արդիւնքն է, որ երեւան կու գայ:

319. ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Այստեղ կը փակուի Վահանեանց շահատակութեան պատմութիւնը, որուն վրայ հարկ սեպեցինք երկարել ինչպէս Վարդանանց նահատակութեան վրայ ըրած էինք 259), վասնզի մեր կարծեօք Վահանի շարժումն ալ, ոչինչ ընդհատ Վարդանի շարժումէն, պարզապէս կրօնական զգացումէ մղեալ էր, ինչպէս որ վերջն ալ ցուցուց: Բաւական եղաւ որ Վաղարշի գահակալութեամբ կրօնական ազատութիւն հռչակուէր, որ Վահան ալ եւ բոլոր Վահանեանք ալ` Պարսից թագաւորութեան ամենահաւատարիմ ծառայութիւննին յայտնէին ու անխարդախ կերպով գործադրէին: Այս տեսութեամբ պէտք չէ որ սուրբ հաւատքի Ե. դարու նահատակներուն թիւը Աւարայրի օրուան 1036 մարտիրոսներով փակուի, այլ Արտազու բերդին 213 խողխողուածներն ալ, Որջնհաղի նահատակներն ալ Հմայեակ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի անտառներուն մէջ կոտորուածներն ալ, ու Վահանի հետեւողութեամբ Ակոռիի, Ներսեհապատի, Ճարմանայնի, Դուինի, Երէզի եւ Շտեայի մէջ նահատակուողներն ալ, Վասակ Մամիկոնեանով, Սահակ Բագրատունիով, Ատոմ Գնունիով, Յազդ Սիւնիով, եւ ուրիշ յականէ յանուանէ յիշուած նախարարազուններով, պէտք է միեւնոյն պատուոյ եւ յիշատակի մասնակցին, եւ Վարդանանց եւ Վահանեանց համախումբ մարտիրոսները պարծանօք տօնուին մեր կողմէն, որ այսչափ շուրջ զմեօք մածեալ ունիմք զբազմութիւն վկայից (ԵԲՐ. ԺԲ. 1), եւ պէտք է անոնցմով քաջալերուինք մեր սուրբ հաւատքը եւ մեր սուրբ եկեղեցին պաշտպանելու:

320. ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻԻ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Մանդակունիին կաթողիկոսութեան երկրորդ շրջանը պատմելէն առաջ, պէտք կ՚ըլլայ անոր տեւողութիւնը ճշդել: Բոլոր պատմագիրներ եւ ցուցակագիրներ, երկու կատարելապէս որոշ հաշիւներ կու տան, կէսը 6 եւ կէսը 12 տարի դնելով Մանդակունիին կաթողիկոսութիւնը: Քանի որ այդ երկու թիւերը անայլայլակ կերպով կը կրկնուին ընդհանրապէս, հնար չէ ոչ պատահական սխալանաց եւ ոչ թուանշան տառերու նմանութեան վերագրել այդ տարբերութիւնը, եւ ոչ ալ հնար է մին միւսին զոհելով մէկ կողմ թողուլ: Մենք կը կարծենք թէ երկուքն ալ կ՚արդարանան` եթէ դիտենք, որ Մանդակունիին կաթողիկոսութիւնը իրապէս 12 տարի տեւած է, եւ հնար ալ չէ նուազագոյն միջոցի մէջ պարփակել անոր կրկին գործունէութիւնները. մին եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար Վահանեանց շարժումին ատեն, եւ միւսը` եկեղեցւոյ բարեկարգութեան համար խաղաղութիւնը տիրելէն ետքը. երբ իրեն ալ կաթողիկոսութիւնը պաշտօնական զօրութիւն ստացաւ պետական վաւերացմամբ: Այդ վերջին պարագան տեղի ունեցաւ 484-ին մերձաւորաբար կամ 485-ի սկիզբները, երբ արդէն 6 տարի էր, որ 478-էն ի վեր Մանդակունին հայրապետութիւն կը վարէր Գիւտի մահուընէն ետքը: Կը մնայ ուրեմն 484-էն ետքը 6 տարի եւս երկարել Մանդակունիին կաթողիկոսութիւնը, եւ 490-ին դնել նոր կեանքին եւ պաշտօնին վերջը: Այս կերպով երկու հաշիւներն ալ արդարացած կ՚ըլլան, եւ լուծումն ալ ըստ ամենայնի կը համապատասխանէ արտաքին պատմութեանց ժամանակակցութեան հետ, որով մէկ կողմէ Լեւոնի կայսրութեան եւ միւս կողմէ Պերոզի եւ Վաղարշի թագաւորութեան հետ կապուած են Մանդակունիին գործերը: Արդէն 484-ին վերջին օրերէն սկսած էր իրական խաղաղութիւնը Պերոզի մահուամբը, 485-ին սկիզբները Վահան սպարապետ եղաւ, եւ նոյն տարւոյ վերջերը մարզպան անուանուեցաւ. այդ միջոցին ալ կը սկսին Մանդակունիին բարեկարգական արդիւնքները, որոնցմով հայրապետաց շարքին մէջ Սահակի զուգակից մեծ անուն մը թողած է:

321. ԱԹՈՌԻՆ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Մանդակունիի վերագրուելիք կարգադրութիւններէն առաջինն է հայրապետական Աթոռին տեղափոխուիլը: Ոմանք այդ գործը Մելիտէի վերագրեցին (ՉԱՄ. Բ. 85), առանց պատմական փաստի, այլ մակաբերութեամբ, մինչ ենթադրութիւնը հակառակը կը ցուցնէ, եւ այնպիսի շփոթ միջոցի մէջ անհնար էր այսպիսի կարեւոր որոշում մը ընել: Պատմագիրներէն ոմանք այդ տեղափոխութիւնը Վարդանի ու Գիւտի վերագրեցին, սակայն արդէն դիտել տուինք 293), որ այդ երկուքը երբեք ժամանակակից եւ գործակից չեղան, եւ Վարդանի անունը Վահանի փոխելով ալ` այն օրերուն պարագաները չէին կրնար ներել պաշտօնական որոշման եւ գործադրութեան ձեռնարկել: Տեսանք որ Մանդակունին ալ շարունակ Վաղարշապատի եւ Դուինի մէջ կ՚երթեւեկէր, եւ ամէն անգամ որ հոգեւորական գործողութիւն կար ընելիք Էջմիածին կու գար, ուր էր իր կեդրոնը եւ սուրբ կաթողիկէն, եւ Դուին կ՚երթար միայն քաղաքական գործերու համար: Սակայն Վահանի սպարապետութենէն ետքը, երբ մարզպանութեան ընտրութիւնը պիտի տօնէ, այն ատեն միայն ամէն բան Դուինի կաթողիկէին մէջ կը կատարէ, եւ Վաղարշապատ գալու պէտք չի տեսներ, հակառակ որ Վաղարշապատի կաթողիկէն նորոգութիւններ ստացած էր: Այդ մանրամասնութիւնները քովէ քով բերելով վստահօրէն կ՚եզրակացնենք, թէ կաթողիկէն եւ հայրապետանոցը պաշտօնապէս Վաղարշապատի մէջ էր ներքին շփոթութեանց տեւողութեան ժամանակ, հակառակ որ տեղը աւեր դարձած էր եւ հիմնական նորոգութեանց պէտք կար: Այդ նորոգութիւնը կը յիշէ Փարպեցին, Շտեայի պատերազմէն եւ Պերոզի մահուընէն անմիջապէս ետքը, Վահանի Վաղարշապատի կաթողիկէն ուխտի գալուն առթիւ, աւելցնելով, զոր հիմնարկեալ նորոգեաց մեծապայծառ շքեղութեամբ զհնացեալ գործ նախնեացն իւրոց (ՓԱՐ. 157): Սակայն դեռ կացութիւնը չորոշուած եւ միջոցները չպատրաստուած այսպիսի գործի մը չէր կրնար ձեռնարկել, ուստի զոր նորոգեաց խօսքը, ոչ թէ միեւնոյն օրը կատարուած գործ մը կրնանք իմանալ, այլ յետոյ իր կարգին լրացած գործ մը: Ըստ այսմ պատմական կարգին եւ իրաց պահանջին յարմարագոյն կը լինի ըսել, որ հազիւ թէ Վահան գործելու դիւրութիւն եւ իշխանութիւն ստացաւ` խորհեցաւ հայրապետանոցին դիրքն ալ բարձրացնել, եւ կաթողիկէ մը հիմնարկեց Դուինի մէջ այնտեղ` ուր Շաւասպ Արծրունիի ատրուշանը կործանած էր, իբրեւ իր կեղծուրացութեան քաւութիւն եւ յաջողութեան նշանակ. միանգամայն Վաղարշապատի կաթողիկէն ալ նորոգելու սկսաւ Ղազար Փարպեցիի վերակացութեամբ (ՓԱՐ. 196): Դըւնայ կաթողիկէն լրացած եւ տեղափոխութիւնը եղած էր երբոր մարզպանութեան հրովարտակը եկաւ, որով այլեւս Վաղարշապատ երթալ հարկ չեղաւ, եւ հանդէսը Դուինի մէջ կատարուեցաւ: Ուրեմն հայրապետանոցին պաշտօնական տեղափոխութիւնը եւ Դուինի մէջ հաստատուիլը պէտք է դնել 485-ին:

322. ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Եկեղեցական կանոնաց պահպանութեան եւ բարեկարգութեան մասին ալ Մանդակունիի մտադրութիւն դարձնելուն նշանակ են, իր անունով մակագրեալ ինը կանոնները, որք կանոնագիրքին ալ անցած են (ԿԱՆ. 122), եւ տասներորդ մըն ալ կայ զատէն եւ աւելի ընդարձակ (ԿԱՆ. 123): Կանոններու հրատարակութիւնը ժողովի մը գումարումը կ՚ենթադրէ, բայց այս մասին որոշ յիշատակ մը չենք գտներ: Օրբէլեան Շահապիվանի ժողով մը կը յիշէ, ուր էր Յովհան Մանդակունին, եւ զայն կը դնէ, ի Յազկերտէ ի վերայ քահանայից եւ իշխանացն Հայոց նեղութեան հասնելէն յետոյ (ՕՐԲ. Ա. 97), որով չի կրնար նոյնացուիլ Յովսէփի կաթողիկոսութեան սկիզբը գումարուած Շահապիվանի ժողովին հետ 228): Բայց Յազկերտի հալածանքը յիշելն ալ յարմար չի գար, որովհետեւ անկէ շատ ետքը եւ Պերոզի բռնութիւններն ալ վերջանալէն ետքը, Վաղարշի օրով կրնար Մանդակունին ժողով մը հաւաքելու ձեռնարկել: Հետեւաբար Մանդակունիին ժողով մը գումարած ըլլալուն հաւանականութիւնը ընդունելով, Օրբէլեանի գրածն ալ նոյն հաւանականութեամբ կ՚ընդունինք, յորդորուելով մանաւանդ կանոններ հաստատելու համար ժողովի մը անհրաժեշտութենէն, եւ զայն կը դնենք մերձաւորաբար 486-ին: Մանդակունիին կանոնները ընդհանրապէս պահքերու եւ տօներու կը վերաբերին, Շաբաթն ու Կիրակէն պահքէ ազատ կը հռչակէ, գինին ու ձէթըն ու ձուկը իբր ուտեաց կերակուր կը դասէ, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ մարտիրոսաց տօները կ՚արգելու, ծնունդը յայտնութեան հետ կից կը հրամայէ, եւ այլ նմանօրինակ կէտեր: Այս յիշատակները կը ցուցնեն թէ մեր այժմեան տօներուն ձեւը, եւ Հայոց տօնացոյցին յատուկ եօթնեկական դրութիւնը Մանդակունիին ատենէն հաստատուած են եղեր, ոչ իբր Մանդակունիէ մուծուած նորութիւն մը, այլ աւելի կանուխէն հաստատուած դրութեան շարունակութիւնը, ինչ որ մեզ մինչեւ Լուսաւորիչ կը հասցնէ, համաձայն ազգային ընդհանուր համոզման: Իսկ վերջին ընդարձակ կանոնը խստիւ կ՚արգելու անուսներու եւ անարժաններու ձեռնադրութիւնը, ինչ որ եկեղեցւոյ գլխաւոր օրէնքներուն կարգէն է:

323. ԾԻՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐ

Բայց ուր աւելի կ՚երեւին Մանդակունիի գործունէութեան արդիւնքները, ծիսական գիրքերը եղած են, այնպէս որ Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ այժմեան ծիսական կարգերը Մանդակունեան կարգադրութիւններ կրնան կոչուիլ: Սահակի եւ Մեսրոպի կարգադրութիւններ տակաւին հաստատուն գործածութիւն չառած, վերահաս շփոթութիւններով խանգարուեցան, Յովսէփ անոնցմով զբաղելու միջոց չունեցաւ, Գիւտն ալ ընդարձակ պատեհ չգտաւ, ինչպէս եւ ինքն Յովհան իր առաջին շրջանին մէջ: Միայն երկրին խաղաղելէն ետքը կրցաւ անոնց մտադրութիւն դարձնել, խանգարեալները վերանորոգել եւ պակասները լրացնել: Իր անունը ժամագիրքին ճակատը (ԺԱՄ. 3) իբրեւ վերջնական կնիք է. Օձնեցին լոկ եղածը վերահաստատելու ջանք մը ունեցաւ, իսկ Շնորհալին երգերու եւ շարականներու յաւելուածներ ըրաւ, բայց ծիսական կարգերուն վերջնական ձեւը Մանդակունիին հաստատածը մնաց: Ժամագիրքին մէջ ուղղակի իրեն կը վերագրուին Գիշերայինի Զարթուցեալքս քարոզը եւ Զքէն գոհանամք աղօթքը (ՕՁՆ. 28), եւ ճաշու երրորդ եւ վեցերորդ եւ իններորդ ժամերու աղուհացից մեծ քարոզներն ու աղօթքները (ԿԻՐ. 20), սակայն ուրիշներ ալ գրած պիտի ըլլայ: Շարականներուն մէջ, միայն Հռիփսիմեանց համբարձին Յովհաննէս կաթողիկոսի կը վերագրուի, անորոշ թողլով Մանդակունին կամ Օձնեցին, բայց մենք կը կարծենք թէ պէտք է Մանդակունին ընդարձակ մասնակցութիւն ունեցած ըլլայ այդ ճիւղին մէջ, որ իրմէ առաջ աւելի մշակուած չէր, եւ հին պատմութիւններ միմիայն սաղմոսներու երգերը կը յիշեն: Ծիսարանի կանոններէն իրեն կը վերագրուին, կարգ մկրտութեան, որուն հետ պէտք է իմանալ դրոշմի կարգն ալ, սարկաւագի եւ քահանայի եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւն, օրհնութիւն եկեղեցւոյ, պատարագամատոյց Աթանասի հետեւողութեամբ (ԱՍՈ. 82), եկեղեցւոյ հիմնարկէք, ժամահարի օրհնութիւն, սկիհ եւ մազզմայի օրհնութիւն, գիրքի օրհնութիւն, խաչօրհնէք, պսակի կանոն (ԿԻՐ. 20) եւ կանոն ապաշխարող առնելոյ (ՀԻՆ. ԻԶ): Այսչափը որ յանուանէ յիշուած է, բաւական կը լինի ըսել թէ ամբողջ Մաշտոցը Մանդակունիին ձեռքէն ելած է, որուն մէջ գլխաւոր մաս մը կը կազմէ թաղման կարգը:

324. ՄԱՏԵՆԱԳՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Մանդակունիին մատենագրական արդիւնքներ ունեցած ըլլալը ծանուցած է Պատմաբանը, թէ յարդարէ եւս ճառս զգուշացուցիչս դիտաւորական կենցաղոյս, որ բերէ զոգւոցն փրկութիւն (ՅՈՎ. 79), ինչ որ ուրիշն ալ կրկնած է թէ յօրինեաց զճառս խրատուց (ՎԱՐ. 55): Քսանուվեց ճառերու հաւաքածոյ մը հրատարակուած է (ՄԱՆ. 221), որոնց մասին կասկածանօք կը վերաբերուին քննադատներ, որովհետեւ ինչ ինչ գրիչներ օտար անուններով մակագրած են նոյն ճառերը (53): Սակայն նկատի չառնելով իսկ` որ օտար անուններ մակագրող գրչագիրներ սխալած ըլլան, եթէ Մանդակունին թարգմանաբար ալ կազմած ըլլայ այդ իր ճառերը, մեզի համար միշտ իրեն անունը հաստատուն կը մնայ Հայ մատենագիրներու շարքին մէջ: Վարդան կը գրէ եւս, թէ սա թարգմանեաց զերկրորդ Կորնթացւոց թուղթն եւ զՅոհանն (ՎԱՐ. 55), սակայն չենք կարծեր թէ Ս. Գիրքէն նախականոն մաս մը թերի մնացած ըլլայ Սահակի ժամանակէն, ուստի լաւագոյն է կարծել թէ երկրորդականոն գիրքերէն Կորնթացւոց երրորդ թուղթն ու Յովհաննու աւետարանչի հանգիստն ըլլան Մանդակունիէ թարգմանուած կտորները:

325. ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻԻ ՄԱՀԸ

Կցկտուր յիշատակներով կրցանք փոքր ի շատէ պատմութիւն մը կազմել Մանդակունիին գրական արդիւնքներուն վրայ, այլ շատ աւելի կ՚ենթադրենք նորա արդիւնքը վարչական շրջանակին մէջ. որով կը յաջողէր աւերեալ երկիրը վերաշինել եւ գժտեալ հոգիները միաբանել: Դժբախտաբար Փարպեցի` որ Մանդակունիէն երկարակեաց եղած է, իր պատմութիւնը Վահանի մարզպանութեան եւ Յովհանի ատենաբանութեան յիշատակութեամբը փակած է, եւ Մանդակունիին երկրորդ շրջանն ալ չէ գրած, Վահանի վրայ ալ ընդարձակ տեղեկութիւններ չէ տուած: Հարկաւ Փարպեցին օրը օրին գրող չէր, եւ որովհետեւ Մանդակունիի մահուընէն ետքը իր դիրքն ալ խախտեցաւ եւ հալածանքներ ալ տեսաւ, անոր համար չէ կրցած իր պատմութեան չորրորդ դրուագ մը աւելցնել, ինչ որ ըրած կ՚ըլլար, եթէ իր դիրքը պահած եւ Վահանէ ամուր պաշտպանութիւն տեսած ըլլար, մինչ ընդհակառակն պարտաւորուած եղաւ կծու գանգատանաց թուղթ մը գրել անոր (ՓԱՐ. 187): Պատմաբան կաթողիկոսը կը գոհանայ ըսել թէ Վահան մարզպան կը գործէր եւ շինէր զեկեղեցիս աւերեալս ի թշնամեաց, թելադրութեամբ եւ խրատու եւ աղօթից նպաստիւ սուրբ հայրապետին Յովհաննու Մանդակունւոյ (ՅՈՎ. 79). ուրիշ մըն ալ կը յաւելու, թէ այլ բազում օգուտս գործեաց ի կեանս իւր (ՎԱՐ. 559): Այսչափով պէտք է գոհանանք Մանդակունիին վեցամեայ շինարար պաշտօնավարութեան պատմութիւնը փակելու, քանի որ աւելի մանրամասնութիւններ չունինք: Կիրակոսի կողմէ գրուածը, թէ այլեւ առաջի Պերոզի արքայի համարձակութեամբ խոստովանեցաւ զՔրիստոս, եւ ոչ երկեաւ ի սպառնալեաց նորա (ԿԻՐ. 20), պարզ շփոթութեան հետեւանք մըն է Գիւտին հանդիպածին հետ, որովհետեւ Յովհանի Տիզբոն տարուած լինելը Փարպեցին չի յիշեր, իսկ կրօնից ազատութիւն տրուելէն ետքը բռնադատութեան առիթ չկար: Այսպէս թէ այնպէս Յովհան իր կեանքը վերջացուց լի արդեամբ, առաջին շրջանին մէջ արիասիրտ դիմադրութեամբ, ճակատամարտի մէջ վիրաւորուելու աստիճան, եւ երկրորդ շրջանին մէջ ազգաշէն եւ եկեղեցաշէն աշխատութիւններով, երկրին կերպարանը բոլորովին փոփոխել յաջողելու չափ: Իր մահուան պարագաներն ու տեղը, եւ թաղման վայրն ու հանդէսը բոլորովին մոռացութեան մէջ մնացած են: Պատմագիրներ չեն խօսիր այդ մասին: Բայց այս չ՚արգիլեր որ զինքն ճանչնանք իբր հոյակապ դէմք մը, իբր մեծագործ հայրապետ մը, եւ իբր ազգի ու եկեղեցւոյ մեծ բարերար մը: Իր առաքինական եւ հոգեւորական կեանքն ալ, իր ուղիղ զգացումներն ալ, իր յայտնի արդիւնքներն ալ զինք արժանի կ՚ընեն` սուրբ ու տօնելի անձերու շարքին մէջ դասուելու, ինչպէս մենք ալ իբրեւ Սուրբ մակագրել չենք վարանած: Տարիքը հարկաւ 75-ը անցած կամ 80-ի մօտեցած էր, որովհետեւ եթէ Սահակի ժամանակէն ուսանող մը կամ աշակերտ մը լինելու տարիքը ունէր, անկէ պակաս չէր կրնար ըլլալ 490-ին, որ է իր մահուան թուականը: Գերեզմանին տեղը նշանակուած է յոմանց Շիրակի կամ Վանանդի Բեռնոս գիւղը (ՉԱՄ. ԲԱ. 218), բայց չենք գիտեր թէ որ ստոյգ աղբիւրէ քաղուած, որովհետեւ աւելի հաւանական կը լինէր կարծել, որ Դուինի մէջ եղած ըլլայ: Նշան ալ չկայ որ իր նախարարական գերդաստանին դամբարանը փոխադրուած ըլլայ, Արշամունեաց գաւառը: