Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱՆԱՍՏԱՍ Ա. ԱԿՈՌԵՑԻ

503. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Ներսէսի յաջորդութիւնը դիւրին փոխանցմամբ մը տրուեցաւ իր սենեկապետին եւ օգնականին Անաստասի, որուն ծննդավայրն էր Մասեացոտն գաւառի Ակոռի գիւղը (ՅՈՎ. 115): Դեռ նոր էր հաստատուած Հայերուն բռնելիք ընթացքը, նոր մարդ մը կրնար միջադէպեր յարուցանել, մինչ. Անաստաս Ներսէսի գաղափարներուն համամիտ եւ կաթողիկոսարանի գործերուն ալ տեղեակ էր, եւ անոնք փոխանորդաբար ալ վարած էր Ներսէսի առանձնացած միջոցին 477): Անաստասի բնաւորութեան եւ արժանիքին վրայ մասնաւոր յիշատակութիւններ չունինք, այլ գործերուն զննութեամբ կը կարծենք, թէ աշխատասէր անձ մըն էր, կանոնաւոր գործերու հետամուտ, ընտիր բայց համեստ ձիրքերով ճոխացած: Իր կաթողիկոսութեան տեւողութեան ամենուն կողմէ առանց բացառութեան 6 տարի տրուած է, ուստի մենք ալ կը զետեղենք զայն 661 եւ 667 տարիներու միջեւ: Իր ժամանակը Արաբացւոց զօրութեան եւ Մուավիէի խաղաղական իշխանութեան, եւ Յունաց լռին եւ քաշուած անգործութեան միջոցն է, որով ոչ մի քաղաքական դիպուած չունինք պատմելիք: Ինքն ալ այդ պարագայէն օգտուած է իր անունին յիշատակ մը թողուլ, հետեւելով իր նախորդին եւ վարդապետին օրինակին, եւ ձեռնարկած է փառաւոր եկեղեցի մը կառուցանել իր ծննդավայրին, Ակոռի գիւղին մէջ, զոր պայծառապաճոյճ կը կոչէ Պատմաբանը: Եկեղեցիին քով կ՚աւելցնէ կացուրդ կամ ժամատուն քահանայական ուխտի միակրօնից, այսինքն է քահանայական միաբանութեան, եւ այլոց եւս կղերց, այսինքն զանազան աստիճանէ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ հիւրոց եւ տնանկաց եւ աղքատաց համար յատուկ պատսպարաններ (ՅՈՎ. 116): Անաստասաշէն եկեղեցին երկար տարիներ կանգուն մնացած էր, եւ միայն մեզի մերձաւոր ժամանակներ, 1840 տարւոյ մեծ երկրաշարժին կործանած է:

504. ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

Պատմութիւնը մեծամեծ գովեստներով կը պատուէ Գրիգոր Մամիկոնեան իշխանն ալ, որ Ներսէսի միջնորդութեամբ Հայաստանի հրամանատար կամ կառավարող էր նշանակուած 501): Գրիգոր կը ներկայացուի իբր բարեպաշտ եւ երկիւղած, առաջնորդ յոքնապատիկ կարգաց եւ ուղղութեանց, շինութեան եւ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ ի բոլոր մասն լրութեան (ՅՈՎ. 115). սակայն պէտք է ճանչնալ, թէ պարագաներն ալ իրեն նպաստաւոր եղան, քաղաքական միջադէպերու բացակայութեամբ: Երկրին ընդհանուր բարօրութեան եւ բարեշինութեան հետեւած ատեն, Գրիգոր, ժամանակին տիրապետող ոգւոյն հետեւելով, եկեղեցի մըն ալ ինքն ձեռնարկեց շինել, Արուճ մեծ աւանը, որ է այժմեան Թալիշը, Էջմիածնի գաւառին մէջ: Այս շինութիւնն ալ գովուած է իբրեւ չքնաղագեղ, որուն քովը կը կառուցանէ իրեն համար ալ արքունական ճոխութեամբ ապարանք մը, հաստահեղոյս քարամբք եւ կրով պարսպեալ` եւ դարձեալ Եղիվարդ աւանի արեւելեան կողմը, բնակութեան կուսակրօնից վանք մը, կամ նուիրանոց ուխտի կրօնաւորական դասուց, յորում եւ եկեղեցի պայծառապաճոյճ (ՅՈՎ. 116): Գրիգորի վարչական ընթացքն ալ յատուկ գովեստի արժանի եղած է, եւ վկայուած է թէ հետեւէր զկնի ամենայն արդար վաստակոց (ՅՈՎ. 115), եւ թէ էր եղբայրասէր եւ օտարասէր եւ դարմանիչ աղքատաց (ՂՆԴ. 35): Արուճի կաթողիկէին շինութիւնը կը դրուի ի հինգ ամին Անաստասայ (ԿԻՐ. 35), որ է ըսել 665 թուականին:

505. ԴԱՒԻԹ ԴԸՒՆԵՑԻ

Միեւնոյն 665 տարին տեղի ունեցած է Սուրհանի դարձն ալ: Սուրհան պարսիկ էր ազգաւ, ազնուական սերունդէ, որ յազգէ թագաւորաց ալ ըսուած է, գուցէ հեռաւոր ազգակցութեամբ մը Սասանեանց հետ կապ ունեցած է, բայց իսլամական կրօնքը ընդունած էր, եւ Արաբական բանակին կը ծառայէր Հայաստանի մէջ: Զանազան պարագաներ Սուրհանի միտքը գրաւեցին դէպի քրիստոնէութիւն, եւ ինքնաբերաբար Գրիգոր Մամիկոնեանի յայտնեց իր միտումը, որ քաջալերեց եւ պաշտպան կանգնեցաւ ու կաթողիկոսին ներկայացուց: Սա ալ անոր կրօնական կրթութիւնը հոգաց, եւ Սուրհանի մկրտութիւնը անձամբ կատարեց Արուճի նոր կաթողիկէին մէջ, անոր նուիրագործութեան միջոցին: Գրիգոր կնքահայր կեցաւ, եւ իր հօր Դաւիթ անունը տուաւ նորահաւատ իշխանին, անոր ամուսնութիւնն ալ դիւրացուց, եւ Կոտայք գաւառի Ձագ գիւղն ալ բնակութեան եւ ապրուստին յատկացուց (ՅՈՎ. 117): Դաւիթ յետոյ իր բնակութիւնը փոխադրեց Դուին քաղաքը, եւ գրեթէ երեսուն տարի բարեպաշտ քրիստոնէի կեանքով ապրեցաւ, ու մարտիրոսութեամբ պսակուեցաւ, ինչպէս իր կարգին պիտի յիշենք:

506. ՏՈՄԱՐԻ ԽՆԴԻՐԸ

Անաստասի գործերուն դառնալով կը գտնենք տոմարական հաշիւներու ուղղութեան համար տարած հոգածութիւնը: Մովսէսի օրով կատարուած տոմարի նորոգութիւնը 384), Զատիկի հաշիւը Յուլեան կամ Հռոմէական տոմարի պատշաճեցուցած էր, եւ 532 տարիներու Էասի շրջանը ընդունած, սակայն Հայոց քաղաքական տոմարը, հին շարժականն էր մնացած, որուն տարիները հաւասար կերպով 365 օրերէ բաղկացած լինելով, 6 ժամերու կոտորակը հաշիւի չէր առնուած, եւ այսպէս 4 տարին մէկ օր ետեւ կը մնար գիշերահաւասարը, եւ Հայոց տոմարը ուղղակի չէր տար Զատիկին օրը, եւ պէտք կ՚ըլլար գալ ի զուգաւորութիւն Հռոմայեցւոց, որ է ըսել հռոմէական տոմարին կարօտ ըլլալ: Անաստաս փափաքեցաւ որ Հայոց տոմարին տրուի այնպիսի ուղղութիւն մը, զի թերեւս անշարժ զնա ըստ այլոց ազգաց մարթասցի յօրինել, եւ տարեգլուխը եւ տարեկան տօները չորս տարին օր մը կորսնցնելով չորս եղանակներու վրայ շրջան չընեն, եւ չըլլան յեղափոխք յեղանակք ժամանակաց (ՅՈՎ. 118): Թէպէտ պատմիչներ չեն յիշեր, սակայն տոմարական հաշիւով` ուրիշ շարժառիթ մըն ալ կրնանք նշանակել Անաստասի այդ մտադրութեան: Հինգհարիւրեակի կամ Հայոց թիւի 114 տարին, որ է 665 թուականը, Ծռազատիկի տարի եղած է, որ է ըսել Հայերուն եւ Յոյներուն Զատիկի օրուան վրայ իրարմէ զատուելուն տարին 383): Որչափ ալ Անեցին 653-ին կը դնէ պատառումն զատկի ըլլալը, սակայն տոմարական հաշիւներ կը բռնադատեն մեզ թուականը ուղղել: Այդ ծռազատիկի պատահարը շատ լաւ կրնար Անաստասի մտադրութիւնը հրաւիրել տոմարի խնդրով զբաղելու: Ինչ ալ ըլլայ շարժառիթը, Անաստաս իրեն մօտ հրաւիրեց Անանիա վարդապետը, Անեցի (ՅՈՎ. 117), կամ յԱնէից գեղջէ (ՍԱՄ. 84), որ աւելի սովորաբար Շիրակացի անունով ճանչցուած է գաւառին անունով, կամ թէ Շիրակայ Դպրեվանքէն ըլլալուն համար: Անանիա էր բանիբուն եւ հանճարեղ, գիտող յոյժ ամենայն տոմարական արուեստից (ԿԻՐ. 35), Հայ վարդապետներուն մէջէն միակը` որ համարողական գիտութեան հետեւած էր Տրապիզոնի մէջ, Տիւքիկոս Բիւզանդացի իմաստասէրին մօտ, մինչ ընդհանրապէս Հայոց մէջ անտեսուած էր այդ ճիւղը, ինչպէս ինքն ալ կը գանգատի (ՇԻՐ. 1): Շիրակացին, Պատմաբանի վկայութեամբ, ջան ի վերայ եդեալ, յաջողեցաւ բարեձեւել ըստ բոլոր ազգաց պայմանի, անշուշտ` այսինքն հաստատուն յօրինեալ զկարգ հայկականս տոմարի (ՅՈՎ. 118): Նոյնպէս կ՚իմանայ եւ Ասողիկ Շիրակացիին ըրածը, թէ զտոմար մեր կարգեաց անշարժ (ԱՍՈ. 101): Այլ թէ ինչ ձեւ մտածեց, բացատրուած չէ: Սակայն բաւական էր չորս տարին մէկ օր աւելցնելու կանոնն ընդունիլ, որ Յուլեան կամ Հռոմէական տոմարին հիմն է: Անաստաս ուրախացաւ եւ Շիրակացիին կազմած դրութիւնը ուզեց ընդհանրացնել, եւ աւելի հիմնաւոր ընելու համար, խորհէր ժողովօք եպիսկոպոսաց զեղեալսն հաստատել, բայց դժբախտաբար ժողովը չգումարուած, ինքն վախճանեցաւ, եւ տոմարական փոփոխութեան ձեռնարկը մնաց առանց հետեւանքի: Նկատի առնելով Անաստասի մահուան 667-ի հանդիպիլը, եւ վերոյիշեալ ծռազատիկի տարին, կրնանք նոյն 665 տարին, իբր տոմարական խնդիրին թուականը նշանակել: Անաստասէն ետքը, ոչ անոր անմիջական յաջորդը, եւ ոչ անկէ ետքը եկողները, տոմարին մտադրութիւն չդարձուցին, եւ հաշիւները շարունակեցին զառաջին մշտախաղաց շրջագայեալ կարգն կալեալ (ՅՈՎ. 118): Անցողաբար յիշենք թէ Երեւանի կռիւ մըն ալ կը յիշուի այս միջոցին, բայց թէ Պատմաբանը(ՅՈՎ. 117), եւ թէ Անեցին (ՍԱՄ. 83), իրենցմէ առաջիններուն Շապուհի եւ Ասողիկի կը թողուն բացատրութիւնը, մինչ Շապուհը չունինք, եւ Ասողիկի մէջ չենք գտներ:

507. ԱՆԱՍՏԱՍԻ ՄԱՀԸ

Անաստասի մահուան պատճառ պէտք է սեպենք ծերութիւնը, որովհետեւ Ներսէսի կաթողիկոսութեան քսանամեայ տեւողութեան մէջ, անոր գործակիցը եղած էր: Իսկ թաղումը շատ յարմար է դնել Ակոռիի իր շինած եկեղեցիին քովը, թէպէտ որոշակի նշանակուած չենք գտներ: Անաստասի անունը օրհնութեամբ յիշատակուած է ազգային աւանդութեան մէջ, ինչպէս Կաղանկատուացին ալ կը գրէ անուանելով զայն, աղաւնին սուրբ, սիւնն եկեղեցւոյ, մեծ Հայրապետն Հայոց` Անաստաս, երբ կը պատմէ թէ Ջուանշիր Աղուանից իշխանը, Արուճի մէջ Գրիգոր Մամիկոնեանի հիւր եղած ատեն, հոգեզուարճ բերկրանօք լցեալ, խոնարհեցուցեալ զինքն, օրհնեցաւ ի նմանէ իբրեւ ի հրեշտակէ սրբոյ (ԿԱՂ. 318): Սակս ժողովոց գրուածին համեմատ, բոլոր կաթողիկոսները, Եզր Փառաժնակերտացիէն մինչեւ Եղիա Արճիշեցին, կ՚ամբաստանուին իբր հնազանդեալք խոստովանութեան Քաղկեդոնի անիծելոյ (ԹՂԹ. 222): Սակայն մենք տեսանք թէ նոյնիսկ Եզր բուն քաղկեդոնիկ եղած ըլլալէ աւելի, պէտք է միակամեայ եղած ըսել: Ներսէսն ալ տեսանք, որ 648-ի ժողովով եւ ժողովական թղթով քաղկեդոնականութեան դէմ ելաւ, եւ թէպէտ յետոյ 652-ին Կոստանդինի եւ Յոյներու հետ հաղորդուեցաւ, սակայն վերջ ի վերջոյ 661-ին, Արաբացւոց կողմը դարձաւ, եւ չի կրնար յունական կամ քաղկեդոնիկ հաղորդակցութեան մէջ շարունակած ըլլալ: Անաստասի օրէն ոչ մի խնդիր եւ ոչ մի դիպուած չունինք, ուսկից իր դաւանական ուղղութիւնը կարենանք հետեւցնել, սակայն Ներսէսի հաւատարիմ հետեւող եւ անոր հոգւով սնած անձ մը, թերեւս ինքն ալ պարզ հաղորդակցութեան զիջանէր, եթէ ստիպողական պարագաներու առջեւ գտնուէր, սակայն այնպիսի առիթի չհանդիպեցաւ, որով պէտք է ըսել թէ հայկական եկեղեցւոյ աւանդական դաւանութեան կապուած եւ հաւատարիմ մնաց իր հայրապետութեան մէջ: Տոմարական վերաքննութեան մասին ալ Պատմաբանին ցուցուցած նպատակը, որպէս զի հայկական տոմարը անշարժ ըստ այլոց ազգաց մարթասցի յօրինել, եւ զի միշտ անշարժք լիցին տօնք տարեկանաց, հնար չէ երբէք այնպէս իմանալ, իբր թէ Անաստաս ուզած ըլլայ, Հայոց տօնացոյցին եօթնեկական դրութիւնը ջնջել, եւ Յոյներու եւ ուրիշներու նման ամսաթիւի հաշուով եւ հաստատուն օրերով տօներ կատարել, որովհետեւ յեղափոխ յեղանակք ժամանակաց խօսքերը(ՅՈՎ. 117), շատ յստակ կերպով կը ցուցնեն, թէ Հայոց քաղաքական շարժական տոմարին անշարժ ձեւի վերածուիլն էր բուն նպատակը, եւ ոչ թէ տօներու դրութեան փոփոխութիւնը: Նոյն նպատակը միշտ մնաց Հայոց մէջ, մինչեւ որ առաջին հինգ հարիւրակին վերջանալուն, 1084-ին, Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետին ձեռօք, անշարժ տոմարը հաստատուեցաւ, նահանջ տարիներու դրութիւնն ընդունելով, եւ աւելեաց 5 օրերը չորս տարին մէկ 6-ի բարձրացնելով: