Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ՅՈՎՍԷՓ Ա. ՀՈՂՈՑՄԵՑԻ

226. ՏԵՂԱԿԱԼԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԸ

Մեսրոպի հաւատարիմ աշակերտն է Յովսէփ, հայրենեօք Սիւնեաց նահանգի, Վայոց ձոր գաւառի, Հողոցիմ կամ Խողոցիմք գիւղէն, որով բնաւ տեղի չի մնար զայն շփոթելու Սահակի աշակերտներէն Յովսէփ Պաղնացիի հետ` որ Ծոփաց նահանգի Պաղին գաւառէն էր: Իր վրայ բնաւ խօսուած չէ, մինչեւ Մեսրոպի մահուան ատենը, երբ կը յիշուին անուանք գլխաւոր աշակերտացն ժողովելոցն առ նա, եւ անոնց գլուխը գրուած է, առաջնումն Յովսէփ (ՍՈՓ. ԺԱ. 32): Իր ծննդավայրը ենթադրել կու տայ, թէ այն ժամանակէն յորում Մեսրոպ Գողթն գաւառի եւ Սիւնեաց նահանգի մէջ կ՚աշխատէր, Յովսէփ անոր քով աշակերտած եւ անբաժին ընկեր եւ զօրաւոր օժանդակ մը եղած է վարչական գործերու մէջ, գլխաւորապէս երբ Մեսրոպ Յունական բաժնին մէջ տեղակալութիւն վարեց, եւ երբ Սահակի կրօնական կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ եղաւ Վաղարշապատի մէջ: Մեսրոպ ալ ծերացած էր եւ ժիր եւ յաջողակ գործակցի մը պէտք ունեցած էր, ինչպէս էր Յովսէփ, աւելի վարչական մարդ, քան ուսումնական մը, որովհետեւ այս կողմէն իրեն առաւելութիւն մը վերագրուած չէ: Տարիքով կրտսերագոյն եղած է քան Սահակի երիցագոյն աշակերտները, ինչպէս Յովհան եւ Ղեւոնդ եւ ուրիշներ, թէպէտեւ արդէն ծերութեան թեւակոխելու մօտ հասած կ՚երեւի: Կորիւն զայն այր պատուական կը կոչէ, եւ զինքն քան զայն կրտսերագոյն կը ցուցնէ (ԿՈՐ. 8), մինչ գիտենք թէ Կորիւն ալ Սահակի երիցագոյն աշակերտներէն էր: Իսկ Յովսէփի այս անգամ պաշտօնի անցնելուն միակ պատճառը Մեսրոպի կամքն է: Սուրմակ պետական կաթողիկոսութիւնը նորէն ձեռք անցուցած էր, իսկ Սահակի կրօնական կաթողիկոսութիւնը տեղակալութեան ձեւի ներքեւ Մեսրոպին մնացած էր, Մեսրոպին քովն ալ Յովսէփն էր, որ գործի գլուխ կը գտնուէր, գործին ընթացքին վարժ էր, եւ ամենէն ճանչցուած էր: Այս պարագաներուն ներքեւ օգտակար եղանակն էր, որ եղած վիճակը չփոխուէր, նոր ընտրութեամբ եւ նոր կազմակերպութեամբ նոր դժուարութիւններ չստեղծուէին եւ Յովսէփ մնար իր տեղը եւ գործերը շարունակէին իրենց ընթացքը: Այս եղած պիտի ըլլայ Մեսրոպի միտքը, երբոր յանձնարարեց որպէսզի իրմէ ետքը նոր ձեռնարկներ չընեն, եւ Յովսէփ Հողոցմեցին, իր հաւատարիմը եւ գործին վարժ անձը, շարունակէ նոր ստեղծուած եւ բաժանումէ առաջ եկած կացութիւնը: Այս կերպով պէտք է իմանալ ժամանակակիցներուն խօսքերը: Փարպեցին կը գրէ, թէ Մեսրոպէ ետքը, յաջորդեաց զաթոռ հայրապետութեան աշխարհիս Հայոց, հրամանաւ երանելւոյն Մաշտոցի, սուրբն Յովսէփ, որ էր ի գաւառէն Վայոց ձորոյ, ի գեղջէն որում անուն էր Խողոցիմք (ՓԱՐ. 18): Խորենացի ալ կը գրէ, թէ զաթոռ եպիսկոպոսապետութեան տեղապահութեամբ յաջորդեաց հրամանաւ երանելոյն Մեսրոպայ, նորին աշակերտ, Յովսէփ քահանայ ի Վայոց ձորոյ, ի Խողոցիմ գեղջէ (ԽՈՐ. 271): Քիչ մը կը տարբերի Կորիւնի գրածը, թէ կարգէին եւ գլխաւորս վերակացուս տեղապահս յայտարարեալ հարցն կատարելոց, որոց առաջին Յովսէփ գլխաւոր ժողովոյն, եւ երկրորդն այլ աշակերտ Յովհան անուն (ԿՈՐ. 46): Որչափ ալ քիչ մը մթին ըլլան Կորիւնի խօսքերը, բայց միշտ կը հաստատեն, թէ տեղապահութեան գլխաւորութիւնը Յովսէփի մնացած է, Յովհան մըն ալ գործակից տրուած է իբր երկրորդ, զոր միւսներ հարկ չեն սեպած յիշել, գործին բովանդակութիւնը Յովսէփի վրայ մնացած ըլլալով:

227. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻԼԸ

Համաձայն բացատրուած պարագայից հայրապետական իրաւասութեան ընթացքը բնաւ շարժում կամ փոփոխութիւն չկրեց Սահակի եւ Մեսրոպի մեռնելէն ետքը, եւ գործերը միեւնոյն կարգով յառաջեցին մինչեւ Սուրմակի մահը: Անոր երկրորդ անգամ կաթողիկոսանալը ժամանակակիցներ չեն յիշեր, թերեւս անարգելու եւ չյիշատակելու նպատակով, բայց յայտնապէս կը վկայեն Յովհաննէս կաթողիկոս, որ զամս վեց պաշտօնավարութիւն կը նշանակէ մինչեւ մեռաւ (ՅՈՎ. 76), եւ Ստեփաննոս Ասողիկ, որ ամս եօթն կու տայ, այլ տարբերութիւնը շուտով կը մեկնուի, Սուրմակի առաջին անդամի մէկ տարին ալ գումարելով: Միայն թէ Ասողիկի ըսելը թէ սա անկաւ ի թիւ հայրապետաց (ԱՍՈ. 77)` չ՚արդարանար, վասնզի մեր տեսած տասնուհինգէ աւելի գաւազանագիրքերէ` միայն օտարազգին Կալանոս` Սուրմակը կաթողիկոսաց շարքին մէջ մուծած է, մենք ալ չենք կրնար ընդունիլ անուն մը, զոր Հայ Եկեղեցին ի սկզբանէ անտի ընդունած չէ: Այդ միջոցին մարզպանի փոփոխութիւն եղաւ: Վեհմիհրշապուհ 13 տարի պաշտօնավարութենէ ետքը դադրեցաւ (ՕՐԲ. Ա. 98), չենք գիտեր թէ մահուամբ կամ պաշտօնի փոփոխութեամբ, եւ Յազկերտ, որ տակաւին Հայոց նկատմամբ իր հօր Վռամի հաշտարար քաղաքականութիւնը կը պահէր, հայասէր պարսիկին տեղը հայ մը մարզպան նշանակեց, Վասակ Սիւնին, որ տարիէ մը ի վեր Վրաց մարզպանութիւնը կը վարէր (ՓԱՐ. 83) եւ 441-ին Հայոց մարզպանութեան փոխադրուեցաւ: Վասակ Պարսից արքունեաց մէջ երկար ատեն մնացած էր, եւ պետական լեզուին եւ օրէնքներուն եւ սովորութիւններուն լաւ հմուտ էր, յաջողակ պաշտօնէութեան ձիրքերը կատարելապէս ունէր, Սիւնեաց տանուտէրութեան ատեն խորհրդական եւ հանճարեղ եւ յառաջիմաց մարդ մը երեւցած էր, շնորհատուր իմաստութեամբն Աստուծոյ (ԿՈՐ. 25), կը վայելէր դիրք մը շքեղ եւ բարձր ի մէջ աշխարհիս Հայոց: Մարզպանութեան ատեն ալ այդ լաւ դիրքը պահած էր, լինելով միանգամայն յոյժ մեծարգոյ եւ երեւելի ի դրան արքունի (ՕՐԲ. Ա. 99): Վասակ մարզպան էր, երբոր Սուրմակ մեռաւ 443-ին, եւ պաշտօնական եւ տէրութենէ ճանչցուած կաթողիկոսութիւնն ալ դատարկ մնաց: Վասակ թէ իբրեւ ազգին եւ եկեղեցւոյ պատուոյն նախանձախնդիր, եւ թէ Պարսիկ կառավարութեան առջեւ գործերը դիւրացնելու հետամուտ, ինքն ալ միացաւ անոնց հետ, որ կաթողիկոսական աթոռին ամբողջական եւ կանոնական վերակազմութեան փափաքող էին, եւ բովանդակ իրաւասութիւնը նորէն մէկ անձի վրայ միացնելու կ՚աշխատէին: Ընտրելւոյն վրայ ալ այլեւս խնդիրի տեղ չէր մնար, Լուսաւորչեան ազգատոհմը բոլորովին սպառած էր, Սահակի Մամիկոնեան թոռները զինուորական ասպարէզի մէջ յառաջացած անձեր էին, Մանազկերտացեաց ազգատոհմը ատելի դարձած էր Սուրմակի բռնած վատթար ընթացքով, այլեւս բացէն եւ ազատ ընտրութեան պարագան կ՚իրականանար, եւ այդ տեսութեամբ աչքի առջեւ էր Յովսէփ Հողոցմեցին, որ թէ ոչ պաշտօնապէս, բայց իրապէս եւ օրինաւորապէս քանի տարիներէ ի վեր գովութեամբ գործերը կը վարէր, որով աւելի ընտրեալ, քան թէ ընտրելի կը ներկայանար: Վասակ Սիւնին ալ Յովսէփ Սիւնիին բնական պաշտպան էր հարկաւ: Ասողիկի ըսելը, թէ յետ մահուանն Սուրմակայ, ժողովեալ հայրապետացն Հայոց, խնդրեալ գտին քահանայ ոմն Յովսէփ անուն (ԱՍՈ. 79), պէտք է իմանալ, ոչ թէ իբր դժուարին ընտրութեան մը վերջ տալու յաջողութիւն, այլ պարզապէս կատարուած իրողութեան մը ժողովական հաստատութիւն: Իսկ Վասակի համար գովանի արդիւնք մը եղաւ, որ ընդհանուր փափաքը իր ձեռքով պետական հաստատութիւն ստացաւ, եւ այսպէս Յովսէփ Հողոցմեցի, թէ' ազգէն եւ թէ' պետութենէն կաթողիկոս ճանչցուեցաւ: Այդ եղելութեան թուական պէտք է դնել 444 տարին, հարկաւ Սուրմակի մահուընէն ետքը բաւական ատեն պէտք էր անցներ, մինչեւ որ նոր կարգադրութեան բանակցութիւնները եւ օրինականութիւնները կատարուէին:

228. ՇԱՀԱՊԻՎԱՆԻ ԺՈՂՈՎԸ

Ասողիկի յիշած ժողովը պէտք կ՚ըլլայ նոյնացնել Շահապիվանի ժողովին հետ, որուն կանոնները կը գտնենք կանոնագիրքին մէջ (ԿԱՆ. 111), առաջին ազգային ժողով մը, որուն գործերը եւ որոշումներն ունինք մեզի հասած, եւ կ՚արժէ որ անոր վրայ քիչ մը տեղեկութիւններ տանք այստեղ: Ժողովին տեղն է Շահապիվան, բանակետղ թագաւորացն Հայոց, որ է նոյնինքն Բագաւանը, Բագրեւանդայ մէջ, եւ թերեւս նոյնիսկ Ս. Յովհաննու վանքը, որ Սահակի վերջին տարիներուն հայրապետանոց էր եղած, եւ իբրեւ կեդրոն ճանչցուած, եւ յարմար տեղ էր միաբանութեան աւագացն Հայոց: Գումարման ժամանակին համար գրուած է յեօթերորդ ամի վախճանելոյն Սահակայ, որ կրնար իյնալ 445-ին, եթէ եօթը տարիներ լրացեալ հաշուուէին, բայց յեօթներորդ ամի ըսելը կը ցուցնէ թէ վեցը լրացած եւ եօթներորդը սկսած էր, ուստի կը պատասխանէ 444-ին, զոր վերեւ իբրեւ Յովսէփի պաշտօնական կաթողիկոսութեան թուական ցուցուցինք: Կանոններու յառաջաբանին մէջ կը գրուի ի ԺԶ ամի թագաւորութեան Յազկերտի, մինչ ուրիշ օրինակ մը ունի ի ԻԶ ամի թագաւորութեանն Յազկերտի (ԱԲԼ. 59), բայց երկուքն ալ գրչութեան սխալ պէտք է համարել, քանի որ Սահակի մահը, եւ Յազկերտի թագաւորութիւնը միեւնոյն տարւոյ պատահարներ են 222), մէկը 6, միւսը 16 կամ 26 չի կրնար ըլլալ: Թերեւս ի Զ ամի գրութիւն ԻԶ ամի փոխուած է ընդօրինակողներու գրիչին ներքեւ: Ժամանակին իշխանաւորներէն յիշուած են, Վասակ Սիւնեաց ` մարզպանութեան Հայոց, եւ Վահանայ Ամատունւոյ ` հազարապետութեան, եւ Վրվայ Խորխոռունեաց ` մաղխազութեան ատենները, բայց կաթողիկոսի կամ տեղակալի անուն յիշուած չէ: Եթէ պարզ մոռացութեան արդիւնք չէ, կրնանք ըսել թէ ժողովին հաւաքման տեղեկութիւնը, Յովսէփի կաթողիկոսութեան պաշտօնական հաստատութենէն առաջ գրուած լինելով, անոր անունը չէ յիշուած: Բայց ժողովին թուականը եւ պատմական հանգամանքները յայտնի լինելով, լռութիւնը անոնց ստուգութիւնը չ՚եղծաներ: Օրն ալ որոշակի գրուած է ի ժամանակս նորաբեր տօնին, բայց գրչութիւնն ուղղելով` պէտք կը զգանք կարդալ ի յամանորաբեր տօնին, որ նաւասարդի մեծ տօնն է, եւ տոմարական հաշուով կը հանդիպի 444 Օգոստոս 7-ին, որ կը լինի Շահապիվանի ժողովին պատմական թուականը: Ներկայ եղած են քառասուն եպիսկոպոս, թէպէտ ուրիշ օրինակ քսան կը գրէ (ԱԲԼ. 59), բայց Խ եւ Ի տառերու շփոթելուն հետեւանքը պէտք է ըլլայ: Եկեղեցականներէն կան երիցունք եւ սարկաւագունք բազումք եւ նախանձաւոր պաշտօնեայք եւ համօրէն ուխտ սրբոյ եկեղեցւոյ, որ ամենուն համաձայնութեան յայտարարութիւնն է. իսկ աշխարհականներէն իշխանք ամենայն, գաւառատեարք, գաւառակալք, պետք, բռնաւորք, զօրագլուխք, հազարաւորք, կուսակալք, ազատք կողմանց կողմանց, աւագ նախարարք աշխարհին Հայոց (ԿԱՆ. 112): Չենք կարծեր թէ բոլոր այս անուններ իրօք տարբերեալ աստիճաններ ցոյց տալու նշանակութիւն ունենան, այլ աւելի Ս. Գիրքէն փոխառեալ դարձուածներ կ՚երեւին (ԴԱՆ. Գ. 3): Մեր օրինակին մէջ յատուկ անուններ չեն յիշուած այլ ուրիշ օրինակներ կը յիշեն, երիսկոպոսներէն Ղազար, Տաճատ, Արտակ, Գագ եւ Եփրեմ, երէցներէն Յովսէփ, Յովնան, Մեղիտոս, Երեմիա, Ասպուրակէս, Դանիէլ, Ղեւոնդ սուրբն, եւ Եղիշէ դրան երէց: Իսկ նախարարներէն Վասակէ, Վահանէ ու Վրիւէ զատ, օրինակի մը մէջ յիշուած են նաեւ Վարդան Մամիկոնեան, Արշաւիր Կամսարական, Մանաճիհր Ռշտունի սպարապետ, եւ Զիկ Դիմաքսեան (ԱԲԼ. 59): Սակայն ուրիշ օրինակներ ոչ միայն Վարդանի եւ ուրիշներուն անունը չեն տար, այլեւ յայտնապէս կ՚ըսեն թէ Վարդան Մամիկոնեան համազգօք իւրեանց հանդերձ եղբարբք, կային իբրեւ ի գառագղի արգելեալք (ԿԱՆ. 111), ինչ որ յարմար կու գայ Թովմայի պատմութեան, թէ Վարդան, Սահակի թոռ, ինքն ալ ատելութեան առարկայ դարձած, Մոկաց գաւառը խոյս տուած էր, Զռղայլի ժայռուտ ամրոցը, ուր հոգեւոր մխիթարութիւն կ՚ընդունէր Յովհան Մոկաց, Սահակ Ռշտունեաց եւ Շմաւոն Անձեւացեաց եպիսկոպոսներու այցելութեամբ (ԱՐԾ. 82): Բայց որովհետեւ ժամանակագրական պարագաներ անորոշ են, դիւրին է համաձայնեցնել, թէ Վարդան, որ Սահակի աքսորին ատեն պէտք տեսած էր քաշուիլ, նորէն հրապարակ իջաւ անոր Բագրեւանդ դառնալէն ետքը, արդէն Վարդանի կինն ալ Սահակի մօտ տեսանք անոր մահուան պահուն 221):

229. ՄԾՂՆԷԻՑ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

Շահապիվանու 20 կանոններու ուսումնասիրութեան անցած ատեննիս, գլխաւոր կէտն անոնց մէջ տեսնուած պատիժներու խստութիւնն է, որ լոկ եկեղեցական եւ հոգեւորական շրջանակէն ալ դուրս կ՚ելլեն եւ արտաքին սաստիկ պատիժներ կը տրամադրեն: Ասողիկ կ՚ըսէ թէ Շահապիվանի ժողովին մէջ զտուգանօք կանոնսն կարգեցին (ԱՍՈ. 79), սակայն մենք շատ աւելի խիստ պատիժներ կը կարդանք, եւ քանիցս կը տեսնուին այդպիսի բացատրութիւններ, գան յոլով արբցէ, յուրկանոց տացեն, գոդեայցն աղայցէ, գանիւ կշտամբեսցեն (ԿԱՆ. 113), հնգետասան կրկին գան արբցեն, խանձեսցեն, մրեսցեն (ԿԱՆ. 114), զջիղսն կտրեսցեն, աղուեսադրոշմ ի ճակատն դիցեն (ԿԱՆ. 118), որոնց քով եկեղեցական պատիժները շատ թեթեւ կը դառնան: Իրաւ ազատներու համար մաս մը մարմնական պատիժներ կը խնայուին, սակայն անոնք ալ սաստիկ տուգանքներով փրկանքներու կ՚ենթարկուին, որոնք մինչեւ 1200 դրամ կը բարձրանան, թէպէտեւ չենք կրնար ճշդել հայկական դրամ ստակին բուն արժէքը: Այդ խստութիւնները ընդհանրապէս Հայր Եկեղեցւոյ ներողամիտ հոգւոյն չեն համաձայնիր, բայց պէտք է դիտել, թէ անոնց պատճառ տուողը Մծղնեաներուն ապերասան ընթացքն էր, որոնց մասին խօսեցանք 207): Ասոնք Սահակի եւ Մեսրոպի մեռնելէն ետքը շատ աւելի համարձակութիւն գտած են, եւ եկեղեցական պաշտօնէութենէ ալ արբանեակներ ունեցած են, եւ երկրին մէջ կարգ ու կանոն, տուն ու ընտանիք, եկեղեցի եւ պաշտամունք տակնուվրայ ըրած են, այնպէս որ բոլոր մեծամեծք եւ ժողովուրդք նեղուած ու զզուած հոգեւոր պաշտօնէութեան են դիմած ըսելով. զեդեալ կարգ սրբոյն Գրիգորի եւ Ներսէսի եւ Սահակայ եւ Մաշթոցի դուք անդրէն հաստատեցէք. այլեւ զլաւն եւս որպէս ձեր կամքն են եւ մեք կամօք եւ ախորժիւք յանձնառնումք. քանզի, կարգք եկեղեցւոյ թուլացան եւ մարդիկ յանօրէնութեան դարձան (ԿԱՆ. 112): Կանոններուն մէջ ալ յայտնի ակնարկներ կան Մծղնեաներուն մասին, երբ կ՚ըսուի, եթէ ոք ի մծղնէութեան գտցի, կամ եթէ արք գտցին յաղանդին (ԿԱՆ. 118) կամ եթէ ոք իշխեսցէ առնել որպէս եւ սովորութիւն է Մծղնէից (ԿԱՆ. 116), կամ եթէ լինէր յաճախումն Մծղնէից (ԿԱՆ. 111), ինչ որ կը ցուցնէ թէ բացառիկ կերպով զայրացեալ չարիքներուն դէմ բացառիկ կերպով խիստ պատիժներ նշանակուեցան, իբրեւ բացառիկ դարման: Նկատի առնուած զեղծումներուն մի մասը կը պատկանին եկեղեցական պաշտօնեաներու, անխտիր կերպով` թէ եպիսկոպոսներու եւ թէ քահանաներու ու սարկաւագներու, որք ի պղծութեան կամ ի պոռնկութեան կը գտնւին (ԿԱՆ. 112), կամ անուղիղ ճամբաներով պաշտօնի կ՚անցնին, կամ կաշառով ձեռնադրութիւններ կ՚ընեն, կամ սրբոց նշխարներ կը խարդախեն (ԿԱՆ. 117), կամ տանտիկին կը պահեն (ԿԱՆ. 116), կամ մերձաւորներու ամուսնութիւն կ՚օրհնեն (ԿԱՆ. 115): Մաս մըն ալ ընտանեկան եւ ամուսնական կեանքի կը պատկանին, ինչպէս են, կնաթողութիւն, այրաթողութիւն, աղջկան առեւանգութիւն, ազգակցի հետ ամուսնութիւն, հօր կամ որդւոյ կամ եղբօր կնոջ հետ պղծութիւն (ԿԱՆ. 115): Մաս մըն ալ ընդհանուր կերպով քրիստոնէական բարոյականի դէմ գործերն են, ուրացութիւն, կախարդութիւն, դիւթութիւն, հարցուկներու դիմել, հեթանոսական կոծեր կազմակերպել, եւ ուրիշ տեսակ տեսակ վատթարութիւններ, զորս աւելորդ կը սեպենք աւելի ընդարձակօրէն յառաջ բերել:

230. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ

Աւելի օգտակար կը սեպենք ինչ ինչ կանոնական սկզբունքներ քաղել որոշումներուն մէջէն, որ կրնան նախնական ժամանակին տիրող եկեղեցական կանոնները լուսաբանել: Ազգակցութեան վրայ խօսելով ԺԳ. կանոնը կը հրամայէ, որ քրիստոնեայ եղողը զքոյր, կամ զքեռորդի, կամ զեղբօրորդի, կամ զհօրաքոյր, կամ զայլ ոք յազգի անդ իւրում մինչեւ ի չորրորդ ծնունդս, կին զոք մի ' իշխեսցէ ունել (ԿԱՆ. 115): Այդ յայտնի նշանակուածները երրորդ ծնունդէ աւելի չեն, եւ հօրաքեռորդին իսկ յիշուած չէ, եւ երեք ճիւղի միայն արգելքը կը քաղուի նաեւ Սողոմոն Մաքենոցացիի խրատէն եւ Միքայէլ Աղուանից կաթողիկոսի հրամանէն, որ անէծ զերից ազգաց ծնունդս ամուսնացեալս, եւ որոնք բարձան ի միջոյ առհասարակ (ԿԻՐ. 100): Տրուած կանոնին վկայութեան կոչուած է մեծ օրէնուսոյց մարգարէն Մովսէս, որ միայն քրոջ եւ հօրաքրոջ եւ մօրաքրոջ արգելքը յիշած է (ՂԵՒ. Ի. 17, 19): Ասկէ օրէն է հետեւցնել թէ Շահապիվանի կանոնով արենակից ազգակցութիւնը արգելուած է մինչեւ ի չորրորդ ծնունդս, ո'չ փազառաբար, եւ չորրորդ ծնունդները մէջը չըլլալով, որով ներեալ կը լինին հօրեղբօր եւ մօրեղբօր, հօրաքրոջ եւ մօրաքրոջ զաւակներուն իրարու հետ ամուսնութիւնները: Խնամութեան մասին բնաւ ծնունդներու թիւ եւ արգելք չէ յիշուած, այլ միայն հարս եկողները անհատաբար արգելքի ներքեւ են ինկած, եւ անոնց հետ խառնակելն է նզովքի ենթարկուած: ԺԲ. կանոնը կը յիշէ հօրը կինը, որդւոյն կինը, եղբօր կինը, ջերմ հարազատի կամ ազգականի կինը, ճիշդ ինչպէս Մովսէս ալ յիշած է հօրը կինը, որդւոյն կինը, կնոջ մայրը, մօրեղբօր կինը եւ եղբօր կինը (ՂԵՒ. Ի. 11, 12, 14, 20, 21): Եթէ այդ մասին ալ կանոնը լայնաբար պիտի մեկնենք, ինչպէս որ օրէնքի սկզբունք ալ է, որ արգելքներ ոչ թէ պիտի ենթադրուին, այլ յայտնապէս պիտի հրամայուին, Շահապիվանու կանոնով խնամիական ազգակցութիւնը իր գոյութիւնն իսկ կը կորսնցնէ: Ամլութեան մասին խօսելով Ե. կանոնը կը հրամայէ, որ երբ կին մը ամլութեան համար արձակուի, եւ այլ արատ զգուցէ, ինչ որ կինը մէկտեղ բերած է, աղախին, անասուն, հանդերձ եւ արծաթ, իրաւունք ունենայ ամէնն ալ առնել եւ տանիլ, միանգամայն պէտք է որ մարդն տուգանս եւս տացէ կնոջն վասն անարգանացն, թէ ազատ է ` ՌՄ դրամ, թէ շինական ` Ո, եւ միանգամայն այրը մինչեւ մէկ տարի չամուսնանայ, որպէսզի չըսուի թէ ուրիշ կին մը հանելոյ կնոջն եղեւ պատճառ: Այդ կանոնը բացայայտ կերպով կ՚ընդունի թէ ամլութիւնը ամուսնալուծման պատճառ է. միայն թէ մինչդեռ ի դատին իցեն բացատրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ եկեղեցական իշխանութեան քննութեամբ եւ վճռով, եւ ոչ թէ ամուսնոյն կամքով պիտի տրուի ամուլ կինը արձակելու որոշումը: Նշանակութեան արժանի կը սեպենք եւս դիտել, որ երբ օրինաւորապէս կամ ապօրինի կերպով կուսութիւննին կորսնցնողներուն պսակը պիտի օրհնուի, Գ. կանոնով կը հրամայուի որ այնպիսիները իբրեւ երկակի տեառնագրեսցին լոկ, եւ անոնց գլուխը տեառնագրեալ ուռ դնեն, եւ նոյնիսկ երբոր երկու կողմերը հաւասար չեն, մէկը իբրեւ կուսան եւ միւսը եբրեւ երկակի օրհնեն: Ուրեմն երկրորդ պսակի նշան էր գլուխը որթի ճիւղ մը դնելը կուսաններուն յատուկ նարօտին տեղը: Այսչափ ինչ Շահապիվանու կանոններուն նկատմամբ:

231. ՅՈՎՍԷՓԻ ԱՍՏԻՃԱՆԸ

Ուրիշ պատմական պարագաներու չանցած, հարկ է քանի մը խօսք ալ ավելցնել Յովսէփի աստիճանին վրայ, թէ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացած էր, թէ ոչ լոկ քահանայական ձեռնադրութեամբ կաթողիկոսութիւն կը վարէր: Այս խնդրոյն առիթ տուողը Փարպեցւոյն մէկ խօսքն է, որ կը գրէ թէ Յովսէփ, որ թէպէտեւ երէց էր ըստ ձեռնադրութեանն, այլ զկաթողիկոսութեան Հայոց զաթոռն ունէր ի ժամանակին (ՓԱՐ. 44), եւ դարձեալ զսուրբ երէցն Յովսէփ, որ զկաթողիկոսութեանն ունէր զաթոռ ի ժամուն (ՓԱՐ. 75): Փարպեցիէն ետքը աւելի յայտնի կերպով գրած է Մեսրոպ երէց Հողոցմեցի, Ժ. դարու հեղինակ մը, որ կ՚ըսէ, իմացուցանեմ վասն նորա, զոր ոմանք ասեն թէ եպիսկոպոս գոլ նմա, եւ չէ ճշմարիտ: Եւ ի շփոթմանէ ժամանակին ոչ ժամանեաց ձեռնադրիլ Յովսէփ եպիսկոպոս կամ կաթողիկոս, այլ մնաց երէց եւ ի նմին վախճանեցաւ (ՄԵՍ. 221): Սակայն այս Մեսրոպ երէց ժամանակակից պատմիչ մը չէ որ իբր վկայ ընդունուի, հինէն ալ իրեն յատուկ փաստ մը չունի, այլ միայն իմաստակ խորհրդածող մըն է, իբր զի Ղեւոնդ երէց Յովսէփին խօսելով ըսեր է` թէ աստիճանաւ ի վեր ես քան զամենեսեան (ԵՂԻ. 139), եւ չէ ըսեր աթոռով ի վեր ես, ինչպէս պէտք է եղեր ըսել, եթէ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ունենար: Ընդհակառակն այս իմաստակ պատճառաբանութիւնը իրեն դէմ կը դառնայ, վասնզի աստիճանն է որ բուն ձեռնադրութիւն կը նշանակէ, մինչ աթոռը լոկ իշխանութիւն է: Բայց եթէ աթոռ բառն ալ իր ուզած իմաստով առնուէր, Փարպեցիին զկաթողիկոսութեանն ունէր զաթոռ ըսելը, պէտք էր զկաթողիկոսութեան ձեռնադրութիւն իմանար: Ուստի Մեսրոպը մէկդի թողլով Փարպեցիին խօսքին դառնանք: Փարպեցիին դիմաց ունինք Եղիշէն, նոյնպէս Յովսէփի ծանօթ եւ ժամանակակից մատենագիր, որ Յովսէփը հաստատապէս իբր եպիսկոպոս կը յիշէ. Յովսէփ եպիսկոպոս Արարատայ (ԵՂԻ. 22), Յովսէփ եպիսկոպոս բազում եպիսկոպոսակցօք (ԵՂԻ. 54), ի ձեռն Յովսէփու եպիսկոպոսին (ԵՂԻ. 33): Երկու դէմառդէմ վկայութեանց մէջ, բնական է որ նախադասելի լինի, այն որ իրաց ընթացքին ալ համաձայն է, ինչպէս հետագաներէն ալ Թովմաս` Յովսէփ եպիսկոպոս (ԱՐԾ. 81), եւ Յովհան` հայրապետն Յովսէփ (ՅՈՎ. 77) անունով ճանչցած են Հողոցմեցին: Յովսէփ 439-ին տեղակալութեան ձեւով պաշտօնի անցաւ, եւ 444-ին ժողովական որոշմամբ եւ պետական հաստատութեամբ կաթողիկոս ճանչցուեցաւ, եւ անկէ մինչեւ 450 խաղաղութեամբ պաշտօն վարեց, եւ ամենուն կողմէն ընդունուեցաւ իբրեւ իշխան ամենայն քրիստոնէից եւ հաւատարիմ յամենայն իրս արքունի (ԵՂԻ. 132): Հետեւաբար պատճառ մը չկար որ առանց ձեռնադրութեան մնար, եւ ի շփոթմանէ ժամանակին ոչ ժամանեաց ձեռնադրել պատճառանքը, բնաւ չ՚արդարանար տասնամեայ խաղաղական պաշտօնավարութեան հետ: Եթէ Յովսէփ ձեռնադրուած չէր, քանի որ առանց կաթողիկոսի չէին կրնար եպիսկոպոսներ ձեռնադրուիլ եւ յաջորդել, պէտք կը լինէր ըսել թէ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական յաջորդութիւնն ալ դադարած էր: Ընդհակառակն մենք կը տեսնենք որ եպիսկոպոսներու ժողովներ կը գումարուէին, եւ Յովսէփ անոնց գլուխը կը գտնուէր իբր եպիսկոպոսապետ: Ոչ Կեսարիոյ խնդիր կայ այլեւս, ոչ Պարսիկ արքունեաց արգելք, ոչ հակակիր եկեղեցականութիւն, եւ ոչ ընդդիմադիր կառավարութիւն: Հետեւաբար ոչ մի պատմական եւ ոչ մի տրամաբանական փաստով հնար է Յովսէփի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ունենալուն վրայ երկբայիլ: Յովսէփի սեփականուած երէց անունին բուն պատճառն ալ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ այն` որ ոչ Լուսաւորչազարմ եւ ոչ Աղբիանոսեան անձ մըն էր նա, այլ Հողոցմեցի պարզ երէց մը, գուցէ եւ ոչ ազատ, այլ շինական դասակարգի սերունդ, որ առաջին անգամ ըլլալով յանկարծ մինչեւ կաթողիկոսական գահ կը բարձրանար: Այդ կէտը ամենուն միտքին վրայ սեւեռեցաւ, եւ Փարպեցին ալ կրցաւ ըսել թէ Յովսէփ, թէպէտեւ երէց էր ատեն մը իրեն ձեռնադրութեան աստիճանով, բայց կրցաւ յառաջել եւ բարձրանալ, որ մինչեւ իսկ կաթողիկոսութեան Հայոց զաթոռն ունէր: Ոչ ապաքէն Մեսրոպ ալ վարդապետ անունով կոչուեցաւ ատենին եւ կը կոչուի մինչեւ այսօր, թէպէտեւ անհնարին է ենթադրել, որ Յունական սահմաններու մէջ իբր կաթողիկոսի տեղակալ գործողը, եւ եպիսկոպոսները իբր աշակերտ գործածողը, եւ եպիսկոպոսական պաշտօններ տուողը, ինքն եպիսկոպոս եղած չըլլայ: Ըստ այսմ երէց կոչումն ալ, մակդիր անունի ձեւ մը առած է Հողոցմեցի Յովսէփ կաթողիկոսի վրայ: Այդ կէտին վրայ առիթ պիտի ունենաք նորէն խօսիլ, իրեն մարտիրոսական հարցուփորձին առթիւ:

232. ԱԿԱԿԻ ՆԱՄԱԿԸ

Անցողակի յիշենք այստեղ Ակակ Մելիտինացիի երկրորդ թուղթը, Հայերուն ուղղուած, որուն գլուխը հայրապետի հասցէ չկայ, մինչ առաջին թուղթը ունէր (ԹՂԹ. 14), այլ կը կարդացուի, Պատուական եւ առաքինի նախարարք Հայոց, սիրելիք եւ ծառայք Քրիստոսի (ԹՂԹ. 19): Նպատակը միեւնոյնն է, այսինքն Հայերը Նեստորի եւ Թէոդորի մոլութենէն զգուշացնել, միեւնոյն փաստերով որ առաջին թուղթին մէջ գործածուած են: Հասցէն նախարարներուն ըլլալը կը ցուցնէ, թէ գրուած է Ակակի ծանօթ եւ բարեկամ Սահակի մեռնելէն ետքը, որուն պաշտօնապէս յաջորդ ալ դրուած չլինելով, եւ ազգային գործերուն հսկողութիւնը նախարարներուն ձեռքը մնացած ըլլալով, Ակակ անոնց կ՚ուղղէ պէտք եղած յորդորները: Կը յիշեցնէ հաստատուն մնալ այն ուղղութեան վրայ, զոր սուրբ եւ ճշմարիտ վարդապետքն գծեցին: Ուրախ եմ, կ՚ըսէ, լսելով զբարի գործսն զոր գործեցէք, զի զգրեալսն Դիոդորի, հաւանօրէն Թէոդորի, կապեցէք կնքեցէք, ինչպէս լսած է սիրելեաց երիցանց, Հոնայ, Քոթայ եւ Անձնայ բերնէն (ԹՂԹ. 21): Արդ օտարանուն երէցներու ինքնութիւնը ճշդել դժուար է, հայերէն անուններ չեն, որ համաձայնեցնենք զանազան առիթներով Մելիտինէ գացող թարգմանիչներուն հետ, եւ սիրելեաց մերոց երիցանց բացատրութիւնը հաւանական կը ցուցնէ որ Հոն եւ Քոթ եւ Անձն երէցները Մելիտինեցիներ են, զորս Ակակ ղրկած է մօտէն Հայերուն վիճակը զննելու եւ ապահովուելու համար: Մեր պատմութեան համար կարեւոր կէտն է, թէ Յովսէփ մեծ վարդապետներուն մահուընէ ետքը աշակերտակիցներուն օգնութեամբ կը հսկէր որ Նեստորի մոլորութիւնները` Թէոդորի եւ Դիոդորի անուններով գեղերեսուած` համարձակութիւն չգտնեն Հայաստանի մէջ:

233. ՅՈՎՍԷՓ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՂ

Մթին կէտ մըն ալ ունինք Կորիւնի պատմութենէն, որ Յովսէփի կեանքին վերաբերելուն, չենք ուզեր լռութեամբ անցնիլ: Կորիւն յիշելէն ետքը, թէ Մեսրոպի մահուընէ ետքը կարգէին գլխաւորս վերակացուս տեղապահս, առաջինն Յովսէփ գլխաւոր ժողովոյն, եւ երկրորդն այլ աշակերտ Յովհան անուն (ԿՈՐ. 46), ինչպէս մենք ալ յիշեցինք 226), կը յաւելու Տիզբոն տարուած ըլլալը, եւ բազում եւ ազգի ազգի փորձութեանց եւ կալանաւոր վշտաց ենթարկուելէ, եւ համբերութեամբ կրելէ եւ խոստովանողական անուն ժառանգելէ ետքը, ի նոյն վերակացութիւն դառնալը: Նկատուելու կէտերէն գլխաւորն այն է, թէ օրինակ մը կը դնէ որում դէպ լինէր (ԿՈՐ. 46), իսկ միւս օրինակը կը դնէ, որոց դէպ լինէր (ՍՈՓ. ԺԱ. 35), եւ անորոշ կը մնայ թէ Յովսէփ եւ Յովհան մէկտեղ տարուեցան Տիզբոն, թէ ոչ մէկը միայն, եւ այն ալ որը, Յովսէփը թէ Յովհանը: Պատահարը տեղի ունեցած է յետ վախճանի սրբոյն, այսինքն Մեսրոպի, եւ հաւանական է կարծել, թէ Մեսրոպի մահուընէ ետքը, երբոր Յովսէփ ձեռք առաւ կրօնական տեղակալութիւնը, Սուրմակ ուզած ըլլայ զայն արգիլել, կրօնական գործերն ալ իրեն ձեռքը անցնելու համար, եւ յաջողած ըլլայ մարզպանի ձեռքով Յովսէփը, կամ թէ Յովսէփը եւ Յովհանը, Տիզբոն ղրկել տալ, ուր բնական էր որ Յովսէփ բանտարկութեան եւ նեղութեանց ենթարկուէր, եւ արգիլուած մնար, մինչեւ որ Վասակի մարզպանութեան առթիւ, ազատութեան շնորհը ընդունելով ի նոյն վերակացութիւն դառնայր յերկիրն Հայոց, 441- ին: Ինչպէս կը տեսնուի, մեր տւած մեկնութիւնը առեղծուած լուծելու նման բան մըն է, սակայն ամենէն հաւանական լուծումն է, Կորիւնի հատուածին: Միայն թէ նկատողութեան արժանի է, որ այս տեսակ պարագայ մը, որ աննշան կէտ մը չէր Յովսէփի կեանքին մէջ, յիշուած չէ` ոչ Փարպեցիէ եւ ոչ Եղիշէէ եւ ոչ հետագաներէ: Այս զանցառութեան ալ ուրիշ մեկնութիւն չենք կրնար տալ, բայց ըսելով, որ Փարպեցի եւ Եղիշէ բոլոր մտադրութիւննին դարձուցած են Յազկերտի հալածանքին վրայ, եւ իրենց բուն պատմութիւնը կը սկսին 449-ի պատահարներէն, եւ հոգ չեն տարած յիշել նախընթաց դէպք մը, որ կ՚երեւի թէ անցողական բան մըն ալ ըլլալով, հետք մը չէ թողած, այնպէս որ Յովսէփի դատաւորն ալ կրցած է վկայել, թէ նա եղած է միշտ հաւատարիմ յամենայն իրս արքունի (ԵՂԻ. 132): Յովսէփի պատկանեալ պարագաները լրացնելու համար յիշենք եւս, որ Կորիւն Ս. Մեսրոպի պատմութիւնը գրելու համար Յովսէփէ եղած յանձնարարութիւնը կ՚անուանէ հրաման, մինչ ուրիշներէն եկածը կ՚անուանէ քաջալերութիւն (ԿՈՐ. 8): Ասիկա կը ցուցնէ Յովսէփի կանուխէն գրաւած բարձր դիրքը, որ նշան մըն է իր իրական արժանեաց, որ երիցագոյն աշակերտներէն չլինելով, ամենուն յարգանքին եւ գնահատման արժանացած է:

234. ՔՈՒՇԱՆԱՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Պատմական իրողութեանց դառնալով, նշանաւոր դիպուածներ չունինք Յովսէփի առաջին տասնամեային մէջ կատարուած, այսինքն մինչեւ 449: Յազկերտ հօրը յաջորդելէն ետքը իսկ եւ իսկ պատերազմ էր հրատարակած Յունաց դէմ եւ մինչեւ Մծբին յարձակած (ԽՈՐ. 269), սակայն ծանր պատերազմ տեղի չունեցաւ, որովհետեւ Թէոդոս Բ. կայսր` Անատոլիոս սպարապետի ձեռքով Յազկերտը հաճեցուց, եւ կատարեաց ըստ կամաց նորա (ԵՂԻ. 8): Ասոր վրայ Յազկերտ խորհեցաւ հիւսիսային եւ արեւելեան կողմէն ընդարձակել իր տէրութիւնը, եւ պատերազմ հրատարակեց Հոնաց կամ Քուշանաց դէմ, այսինքն այն ազգերու դէմ, որ Պարսկաստանին արեւելքը եւ Կովկասի հիւսիսը, Կասպից ծովին շուրջը կ՚ապրէին, եւ նոյն ատեն Քուշան կա'մ Հոն ցեղին գերիշխանութեան ներքեւ էին: Երկու տարի տեւեց այդ պատերազմը 440-ի եւ 441-ի ամառներուն` որոնց մասնակցեցան, Հայոց Վրաց, Աղուանից, Հոնաց, Կորդուաց եւ Աղձնեաց մարզպանութիւններուն բանակներն ալ (ԵՂԻ. 10), որովհետեւ ինչչափ ալ գանձն ` այսինքն հարկը յարքունիս Պարսից երթայր, սակայն այրուձին Հայոց, ինչպէս եւ ուրիշ երկիրներու, բովանդակ ի ձեռն նախարարացն առաջնորդէր ի պատերազմի (ԵՂԻ. 9): Յազկերտի առաջին յարձակումները յաջող չեղան իրեն, ուստի պարտաւորուեցաւ նոր կերպ մը մտածել, դրացի ազգերու թշնամութենէն ազատ մնալու համար, եւ որոշեց հաստատուն բանակ մը պահել Ճորայ Պահակը, բանակետղ քաղաք ալ շինեց այնտեղ, ուր այսօր կամ Դարբանդ կամ Տէրպէնտ քաղաքը, թէ իբրեւ պաշտպանողական ոյժ մը, եւ թէ իբր յարձակողական գունդ մը` մերթ ընդ մերթ թշնամւոյն գաւառները աւերելու: Այդ կարգադրութիւնը եօթը տարի շարունակուեցաւ Յազկերտի 4-րդ տարիէն մինչ 11-րդը, այսինքն 442-էն մինչեւ 448-ը: Ճորայ բանակը տարուէ տարի կը փոխուէր, Հայագունդ այրուձին գլխաւոր տեղը կը բռնէր, եւ նախարարները պարտաւորեալ էին երկար ատեն իրենց երկրէն հեռու մնալ: Եղիշէ այդ կարգադրութեան բոլորովին հակաքրիստոնէական նպատակ մը կու տայ, եւ Ճորայ բանակին կազմութեան գլխաւոր դիտում կը ցուցնէ, քրիստոնեայ գաւառները տկարացնել, որպէսզի դիւրաւ կարենայ ընկճել զայն, եւ Պարսից կրակապաշտ կրօնին հնազանդեցնել: Սակայն բացայայտ հալածանք եւ յայտնի բռնադատութիւն դեռ սկսած չէր, ինչպէս ուրիշ կողմերէ ալ տեսանք, եւ երկրին կրօնական վիճակը վրդովուած չէր: Այդ կէտը ինքն Եղիշէ ալ անուղղակի կերպով կը հաստատէ, երբոր կը պատմէ, թէ Հայ նախարարներ եւ Հայ այրուձին անմեղութեամբ ոչ գիտացեալ զերկդիմի միտս թագաւորին, խաղացին գնացին յիւրաքանչիւր աշխարհաց լրջմտութեամբ, եւ անտրտում խնդութեամբ եւ տիրասէր խորհրդովք: Հալածանքի կերպարանը այնչափ հեռի էր, որ գացող գունդերը բարձին եւս ընդ իւրեանս զաստուածային սուրբ կտակարանս, բազում պաշտօնէիւք եւ բազմագոյն քահանայիւք (ԵՂԻ. 10): Այդ վերջին պարագային Յովսէփ կաթողիկոսի հովուական խնամքին արդիւնք պէտք է ճանչցուի, որ առաջ իբր կրօնական տեղակալ, եւ 444-էն իբրեւ պաշտօնապէս ճանչցուած կաթողիկոս, սկսած էր գործել:

235. ՀԱԼԱԾԱՆՔԻ ՍԿԻԶԲԸ

Յազկերտի թագաւորութեան 12-րդ տարւոյ սկիզբը, 449-ի գարնան բացուելուն բոլորովին նոր կերպարան մը առին գործերը: Վերջնական պատերազմի պատրաստութիւններ տեսնուեցան, եւ աւելի զօրաւոր բանակը մը քալեց Քուշաններուն դէմ, որք չդիմացան եւ փախուստի պարտաւորուեցան, եւ թագաւորնին իսկ ինքզինք ազատելու նայեցաւ եւ Պարսից բանակը փառաւոր յաղթանակ մը տարաւ (ԵՂԻ. 16): Այս վայրկեանէն փոխուեցաւ Յազկերտի ընթացքը, կամ եթէ մինչեւ այն ատեն գաղտնի էր, համարձակ յայտնուեցաւ, եւ հրովարտակով հրամայեց, թէ պէտք է բոլոր իր տէրութեան հպատակները Մազդեզանց կրօնքին հետեւին, եւ արեւ ու կրակ պաշտեն: Նա կը մտածէր հարկաւ աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնել իր տիրապետութիւնը, եւ քաջալերուած էր Բիւզանդիոյ կայսրութեան տկարութենէն, որ յանձն առած էր Արեւելքի գործերէն բոլորովին ձեռք քաշել, ինչպէս որ ալ հաստատուն կացին Հոռոմք յուխտին իւրեանց, զոր եդին ընդ նմա (ԵՂԻ. 11): Յազկերտի դիտումը հարկաւ քաղաքական տեսակէտ մըն էր, բայց մեր պատմիչներ անոր պատահական պատճառներ ալ կու տան: Եղիշէ կը գրէ թէ մոգք եւ քաւդեայք եղան, որ Յազկերտի թելադրեցին, թէ իրեն յաղթութիւն պատճառող աստուածները, փոխարէն այդ շնորհին կը սպասեն, որ բոլոր իր հպատակները դարձնէ ի մի օրէնս զրադաշտական պատուիրանին (ԵՂԻ. 16): Իսկ Փարպեցի կը գրէ, թէ Վասակ մարզպան իր աղջիկը ամուսնացուցած էր Վարազվաղան Սիւնիի, որ ատելութեամբ մեծաւ կ՚ապրէր իր կնոջ հետ, եւ Վասակ այնչափ զայրացած էր որ հնարէր սպանմամբ խնդրել զվրէժս թշնամանաց դստերն իւրոյ: Ասոր վրայ Վարազվաղան Պարսկաստան կը փախչի, կրօնքը կ՚ուրանայ, Միհրներսէհի կը մտերմանայ, անոր խորհրդակից կը դառնայ, եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաները Պարսից կրօնքին դարձնելու խորհուրդը, ուզելով այս կերպով թէ' Վասակէն եւ թէ' Հայերէն իր վրէժը լուծել (ՓԱՐ. 41): Ասոր վրայ է որ Միհրներսէհ Յազկերտը կը համոզէ (ՓԱՐ. 42), եւ Յազկերտի կողմէ Պարսից կրօնքը տէրութեան բոլոր հպատակներուն պարտաւորիչ ընելու հրովարտակը կը հրատարակուի (ՓԱՐ. 43): Եթէ պատմական քննադատի տեսութեամբ զննենք այդ պարագաները, Վարազվաղանի մը անձնական քսութիւնը շատ քիչ է այդչափ մեծ եւ ընդհանուր շարժում մը յառաջ բերելու: Իսկ մոգերուն առաջարկը շատ լաւ կրնայ կապակցիլ Յազկերտի քաղաքական տեսութեան հետ: Թերեւս Վարազվաղան, վրիժառու ուրացեալ մը, կրցած է պարագաներէն օգտուիլ, եւ Միհրներսէհի խորհուրդներ տալ եւ նպատակին հասնելու դիւրութիւններ ցուցնել, իբրեւ քրիստոնէից ընթացքին մօտէն ծանօթ անձ մը: Միհրներսէհի վերագրուած առաջնակարգ դերն ալ իրեն պատմական ստուգութիւնը կը գտնէ, երբոր նկատուի, թէ նա Յազկերտի թագաւորութեան ամենիշխան պաշտօնեան էր, ինչպիսիներ գտնուած են եւ կը գտնուին ամէն տէրութեանց մէջ, ուր պաշտօնեայ մը բոլոր ազդեցութիւնները ձեռք անցընելէ ետքը, ինքն կ՚ըլլայ իրօք իշխանութիւն վարողը եւ միապետին հետ կամ միապետի անունով տէրութիւնը կառավարողը:

236. ԲՌՆԻ ՀՐԱՄԱՆՆԵՐ

Յազկերտի հրովարտակին պատճէնը յառաջ կը բերէ Փարպեցին (ՓԱՐ. 43), ուր պարզապէս կը բացատրուի իր հպատակներուն բարութեան համար ունեցած հոգը, եւ անոնք իրենց մոլորութենէն ազատելու ջանքը: Միեւնոյն գրով կը յայտնէ թէ զօրէնս մեր զստոյգ եւ զարդար գրեցաք եւ տուաք բերել առ ձեզ (ՓԱՐ. 44), որով կ՚իմացուի թէ երկրորդ եւ ընդարձակ գրուած մըն ալ եղած է, վարդապետական ոճով յօրինուած իրենց կրօնաուսոյցներու ձեռքով, որ իբրեւ հրահանգ ղրկուած է ամէն կողմ, ուղղակի Միհրներսէհի անունով, իբր վզրուկ հրամանատար Երան եւ Տաներան, քանի որ նա մոգական կրօնին ուսմանց մէջ ալ զարգացեալ մէկն էր: Այդ երկրորդ գիրին պատճէնը Եղիշէ յառաջ կը բերէ (ԵՂԻ. 20-22): Մենք երկու պատճէններուն վաւերականութեան վրայ շատ չենք պնդեր, որովհետեւ գիտենք որ հիներ կը սիրէին թէ' խօսակցութիւններուն եւ թէ' գրութիւններուն իմաստները պատճէնի ձեւով տալ, սակայն միւս կողմէն դըժուար չէր մեր պատմիչներուն ձեռք անցընել այդ պատճէնները, որ պաշտօնապէս ժողովուրդին մէջ ցրուած էին: Նոր սկսուած կամ լաւ եւս պաշտօնական ձեւի վերածուած հալածանքին մասին դիտելու կէտերէն մէկն այն է, որ թէպէտ Յազկերտ ընդ ամենայն ազգս առնէր զանկարգութիւնս զայս, այլ առաւել ընդ Հայոց աշխարհին մարտնչէր (ԵՂԻ. 15), որովհետեւ յայտնի էր Հայաստանի ոյժն ու կարեւորութիւնը` բոլոր շրջակայ քրիստոնեայ գաւառներու վրայ, որ ոչ միայն իրեն համար առաւելութիւններ ունէր, այլեւ ուրիշներէն իբր օրինակ կը նկատուէր, եւ իր միջոցներով ուրիշներուն ալ օգնելու կարողութիւն ունէր: Ուստի պէտք չէ զարմանալ, եթէ ժամանակակից պատմութիւններ յառաջ կը բերեն Հայոց դէմ գործածուած այնպիսի խստութիւններ, որ ուրիշ քրիստոնեայ ազգերու դէմ գործածուած չեն: Այս կարգէն է Հայ մարզպանին մօտ Պարսիկ պաշտօնեայ մը աւելցնելը, յատկապէս կրօնական գործին հսկելու եւ երկրին մէջ մազդեզական կրօնքը տարածելու համար: Այդ պաշտօնեան էր Դենշապուհ, որ խաղաղասէր կեղծաւորութեամբ, իբրեւ թէ կը բերէր զողջոյն զմեծ թագաւորին, եւ միանգամայն կը խոստանար թողութիւն հարկաց եւ թեթեւութիւն ծանրութեան այրուձիոյ, հարկաւ, եթէ յանձն առնէին թագաւորական հրովարտակին հպատակիլ: Իսկ հակառակ պարագային, իբրեւ թագաւորական հրամանի ընդդիմադիրներ` նորանոր խստութեանց ներքեւ կը դնէր Հայերը, զորս մի առ մի կը թուէ Եղիշէ: 1. Եկեղեցական ազատութիւնները եւ տրուած առանձնաշնորհումները կը դադրեցնէր: 2. Միայնակեացներն ու վանականները ու եկեղեցականները, որոնք մինչեւ այն ատեն հարկի աշխարհագիրին մէջ չէին մտներ, ուրիշներու հաւասար վճարման կը բռնադատէր: 3. Ընդհանրապէս Հայաստանի եւ Հայերու վրայ դրուած հարկերուն սակերը կը բարձրացնէր: 4. Գաղտնի բանսարկութիւններով նախարարները իրարու դէմ կը հանէր, եւ իւրաքանչիւր ազգատոհմի մէջ ալ երկպառակութիւն կը ցանէր: 5. Հազարապետութեան պաշտօնէն կը հանէր Վահան Ամատունին, զոր բոլոր ժողովուրդը իբրեւ զհայր վերակացու համարեալ էր, եւ տեղը Պարսիկ մը կ՚անցընէր: 6. Դատաստանական վերին իշխանութիւնը, որ կաթողիկոսութեան կը պատկանէր, անոր ձեռքէն կ՚առնէր, եւ տեղը մոգպետ մը իբր գերագոյն դատաւոր կը նշանակէր, զի զեկեղեցւոյն փառսն աղաւաղեսցէ (ԵՂԻ. 19): Եկեղեցական իրաւասութիւններուն եւ ազատութիւններուն ջնջուիլը, բնական կերպով կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսները իրաւունքնին պաշտպանելու հարկին ներքեւ կը դնէր, եւ այս վայրկեանէն Յովսէփի եւ իր եպիսկոպոսակիցներուն գործի նոր ասպարէզ մը կը բացուէր:

237. ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

Երբոր Հայաստանի մէջ այդ բռնութիւնները կը կատարուէին, աւելի սաստիկները կը գործադրուէին Ճորայ Պահակը գտնուող բանակին վրայ: Նախ եւ առաջ սկսան թոյլ չտալ որ ետ դառնան ժամանակնին լրացուցած գունդերը, բայց նորէն գալիքները ներս կ՚ընդունուէին: Որ յարեւելս առ մեզ գայցէ ` թողցեն, իսկ յարեւելից յարեւմուտս անանց լիցի ճանապարհ (ԵՂԻ. 16): Այսպէս Հայոց ու Վրաց ու Աղուանից գունդերը դարանի ինկածի պէս բռնութեանց ներքեւ կը մնային, ետ դառնալ չէին կրնար, վասնզի Պարսիկ գունդեր կ՚արգիլէին, ցրուիլ չէին կրնար, զի շուրջանակի թշնամիք էին բնակեալ: Ստիպումները հետզհետէ կը շատնային, եւ որովհետեւ զինուորական աշխոյժը ու քրիստոնէական եռանդը միացած` համարձակ դիմադրութեան կը յորդորէին քրիստոնեաները, անկէ առիթ` կ՚առնէր Յազկերտ մեծաւ չարչարանօք եւ պէսպէս տանջանօք ստիպելու աւելի առաջեւ նետուողները, եւ մասնաւոր յաջողութիւններ ալ կ՚ունենար, եւ վատթարէր զբազումս ի նոցանէ: Բայց քրիստոնէից ընդհանրութիւնը կը բողոքէր, թէ զինուորական պարտքերնիս հաւատարմութեամբ կատարած ենք, պատժոյ արժանի ընթացք չենք ունեցած, անողորմ են հարուածքս ի վերայ մեր: Այստեղ Եղիշէ կը յիշէ զչորս զինուորս ի բուն աւագացն, որք տանջանքներու մատնուեցան, դատուեցան, հարուածներու ենթարկուեցան եւ շղթայակապ բանտարկուեցան (ԵՂԻ. 17): Սակայն ոչ անուննին յայտնի է եւ ոչ վախճանին գրուած, Հարկաւ Յազկերտի անիրաւութիւնը համարձակօրէն երեսը զարնող չորս նախարարազուն երիտասարդներ են, որք մարտիրոսներու խումբին յառաջադէմներն են եղած: Առանձինն կը յիշուի եւս այրն երանելի, որում անուն էր Գարեգին, որ համարձակեցաւ Յազկերտը յանդիմանել, երբ որ անոր բերնէն կը լսէր Քրիստոսը ծաղրելը, թէ տանջեցաւ, խաչեցաւ, մեռաւ եւ թաղեցաւ: Ինչո՞ւ, ըսաւ, մինչեւ այնտեղ միայն կը կարդաս աւետարանը, յառաջ եւս մատս զկարդացումն ` որ տեսնես անոր յարութիւնը, յայտնութիւնները, համբարձումը, վերստին գալուստը, կատարելիք ընդհանուր դատաստանը: Յազկերտ կատղած Գարեգինի վրայ, որ էր մի ոմն ի մանկագոյն նախարարացն Հայոց, հրամայեց զայն տանջանաց մատնել, եւ կապեալ ոտիւք եւ կապեալ ձեռօք զերկեամ մի տուաւ ի չարչարանս, մինչեւ որ ընկալաւ զվճիռ մահու (ԵՂԻ. 12): Սովորութիւն է սոյն Գարեգինը նոյնացնել Գարեգին Սրուանձտեանի հետ, որ պատերազմի դաշտին վրայ մեռնող նախարարներէն մէկն է (ՓԱՐ. 72), կրթնելով մանաւանդ անոր յառաջադէմն Գարեգին կոչուելուն վրայ (ԵՂԻ. 93), իբր այն թէ ամենէն առաջ ճշմարտութեան վկայած ըլլայ: Սակայն եթէ լաւ մտադրութիւն դարձնենք, մանկագոյն նախարարազուն Գարեգինը, զերկեամ մի բանտարկութիւն կրած է, 449-էն մինչեւ 451, եւ զվճիռ մահու ընդունելով նահատակուած է, որով ազատութեան միջոց ունեցած չէ, եւ պատերազմին մասնակից եղած չէ: Պէտք է ուրեմն Աւարայրի զօրավարներէն եղող Գարեգինէն տարբեր նկատել Ճորայ քարոզիչ Գարեգինը, եւ Սրուանձտեան Գարեգինին տրուած յառաջադէմ անունը իմանալ, իբր բանակին գլուխը յառաջապահ խոյացող, եւ առաջին անգամ պատերազմին մէջ ինկող զօրավարը:

238. ՀԱՅԱԳՈՒՆԴԻՆ ՑՐՈՒԻԼԸ

Չորս աւագ զինուորականներուն վրայ գործադրուած բռնութեան լաւ տպաւորութիւն ըրած չլինելը զգալով, Յազկերտ լեզուն կը փոխէ, անոնց ըմբոստ ընթացքին վերագրելով իր ըրածը, եւ 12 օր ետքը ճոխ հացկերոյթ մը կու տայ գլխաւոր զինուորականներուն, եւ սեղանին վրայ զոհեալ միս կը հրամցնէ քրիստոնեաներուն, զոր ոչ երբեք էր օրէն ուտել քրիստոնէից: Երբոր ուտելէ կը հրաժարին, չի ստիպեր, եւ գինովցնելով մոլորեցնելու միջոցը կը գործածէ, բայց անկէ ալ յաջողութիւն չգտնելով, կը կատղի, եւ կը հրամայէ քանի մը աւելի համարձակները ձեռս յետս կապելով եւ զխոնջանսանսն կնքելով երկու երեք օր պահել, ուրիշներն ալ յանարժան հարուածս չարչարել: Երբոր կը նայի Յազկերտ թէ այս կերպով ալ նպատակին չի հասնիր, այն ատեն կը սկսի քրիստոնեայ գունդերը հեռաւոր երկիրներ ցրուել, անապատ տեղեր գտնուող ամրոցներու պահպանութեան ղրկել, ամենէն դժնեայ ձմերոցի տեղերը անոնց տալ, որոշուած թոշակները նուազեցնել` քաղցի եւ ծարաւի պարտաւորելու աստիճան, եւ ուրիշ շատ կերպ նեղութեանց ենթարկել: Սակայն քրիստոնեայ գունդեր համբերութեամբ կը տանէին այդ ամէն զրկանքներու, գիտնալով որ կրօնական հալածանք մըն է եղածը, եւ իրենց սուրբ հաւատքին համար կը չարչարուէին, եւ իրար կը մխիթարէին: Մինչեւ իսկ հեթանոսներ անոնց վրայ կը զարմանային եւ կը քաջալերէին ըսելով, թէ լաւ իցէ մարդոյ մահսաչափ ճգնել, քան յայդպիսի օրինաց ուրանալ (ԵՂԻ. 18):

239. ԱՏՈՄԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Այդ միջոցին պէտք է զետեղել Ատոմեանց նահատակութիւնը, որուն վրայ թէպէտ պատմիչներ լռութիւն պահած են, սակայն Յայսմաւուրքը յառաջ կը բերէ անոնց պատմութիւնը եւ ազգային տօնացոյցն ալ հին ատեններէ ի վեր անոնց համար տօնական յիշատակ սահմանած է, որ եւ մինչեւ ցայսօր անխափան կը կատարուի: Հաւանաբար այն միջոցին` երբ զանազան գունդեր դժուար տեղեր կը ղրկուէին: Ատոմ Գնունի եւ Մանաճիհր Ռշտունի հրաման ստացան Պարսկաստանի խորերը որոշեալ տեղ մը երթալու: Երբոր հասին ի կիցս ճանապարհին, որ մէկ կողմէն Պարսկաստան եւ միւս կողմէն Հայաստան կը տանէր (ՎՐՔ. Բ. 68), միտքերնին պղտորեցաւ, եւ մտածեցին իրենց երկիրն երթալ, իրենց կրօնքը պահել, եւ իրենցներուն պաշտպանութիւնը ընել: Հազիւ թէ լսուեցաւ Ատոմեանց գունդին հեռացումը, յատուկ պատգամաւորով կեղծաւոր խոստումները փորձուեցան, ետեւէն գունդեր ղրկուեցան վրանին` ամբողջապէս կոտորելու, եթէ յանձն չառնուն ուրանալ (ՉԱՄ. Բ. 20): Ատոմի գունդին ճամբան լրտեսներէն ստուգելով, Պարսիկները ետեւէն հասան, եւ նորէն ուրացութեան հրաւէր ըրին: Հայեր պահ մը դիմադրութեան շարժուեցան եւ իրարու ձայն տուին` Ձի կալէք զինուորական հրամանով, բայց վերջէն ճգնաւորի մը տեսիլքէն ազդուելով, եւ անհաւասար դիմադրութեան անօգուտ լինելը տեսնելով, զէնքերնին նետեցին եւ կամաւոր նահատակութեան յանձնառու եղան: Մանաճիհր իր գունդով աւելի առաջ անցած, եւ իր սեփական Ռշտունեաց գաւառը հասած էր, երբ Պարսիկ գունդեր ետեւնուն հասան, եւ անոնք ալ միեւնոյն հոգւով նահատակուեցան: Իբրեւ նահատակութեան տեղեր յիշուած են` Ատոմեանց համար Անձեւացեաց գաւառի Ձիակալի վանքը (ՍՈՓ. ԺԹ. 78), եւ Մանաճիհրեանց համար Ռշտունեաց գաւառի Ոչխարանից վանքը (ՍՈՓ. ԺԹ. 82), սակայն դժուար է ճշդել անոնց բուն տեղերը այժմ գտնուող վանքերու մէջ: Յանուանէ յիշուած նահատակներն են Ատոմեանց խումբէն` գլխաւորն Ատոմ Գնունի, եւ որդին Վարս Գնունի, Վարս Ոստանիկ, Ներսէհ Երուանդունի, եւ Վարձաւոր Արծրունի: Իսկ Մանաճիհրեանց գունդին գլխաւորէն` Մանաճիհր Ռշտունիէ զատ մէկ մը յիշուած չէ: Նահատակներուն թիւին համար բազմութիւն սուրբ ընկերաց բացատրութիւնը (ՍՈՓ. ԺԹ. 81) որոշ բան մը չի ցուցներ: Երկու խումբերն ալ մէյմէկ նախարարական գունդեր կը կազմէին, եւ ամենէն հաւանական հաշուով իւրաքանչիւրը չորս հինգ հարիւր հեծեալէ պակաս պէտք չէ եղած ըլլար: Արդեօք Գնունեաց եւ Ռշտունեաց գունդերէն զատ ուրիշներ ալ չեղա՞ն, որք նմանօրինակ նահատակութեան հանդիպեցան: Ուր որ պատմութենէ յիշատակ չունինք, ենթադրելու իրաւունք չենք կրնար ունենալ, միայն թէ պատմիչին գրելը, թէ ցրուած գունդերէն բազմաց իսկ եւ իսկ անդէն հասանէր վախճան մահու (ԵՂԻ. 18), շատերուն շատ տեղեր նահատակուած ըլլալը կը հաստատէ, որով այդ երեսէն ալ հազարաւոր մարտիրոսներ ունեցած է Հայ Եկեղեցին:

240. ԱՐՏԱՇԱՏԻ ԺՈՂՈՎԸ

Քուշանաց դէմ վերջին պատերազմը 449 տարւոյն մէջ կատարուեցաւ, հարկաւ ամառուան մէջ, անկէ ետքը սկսան հալածանք եւ բռնադատութիւնք, որք նոյն տարւոյ աշունը գրաւեցին, եւ տեւեցին մինչեւ ձմեռ: Ուրեմն Հայերու համար տագնապալի միջոց մը եղաւ 449-450 ձմեռը: Թագաւորական հրովարտակը, Միհրներսէհի գրուածը, Դենշապուհի հրահանգները` ժողովուրդը տակնուվրայ ընելու զէնքեր էին, պէտք չէ ալ մոռնալ, որ այդ պղտոր ջուրերու մէջ իրենց անձնական շահերը մտածողներ ալ պակաս չէին: Կաթողիկոս եւ եպիսկոպոսներ եւ ողջամիտ նախարարներ սկսան մտածել, Մի գուցէ աճեցեալ ի պակասամիտ եւ ի փառախնդիր անձինս թերահաւատ մարդոց ` չարաչար ձգտեալ արմատս կորնչիցին բազումք (ՓԱՐ. 44), եւ պէտք տեսան համագումար ժողովով մը դարմանը հոգալ, եւ գործելու ընթացք մը որոշել: Ժողովը գումարուեցաւ ըստ հրամանի տանուտեարցն Հայոց (ՓԱՐ. 44), կամ հաւանութեամբ մեծամեծ նախարարացն (ԵՂԻ. 22), բայց հարկաւ կաթողիկոսին պաշտօնական հրաւէրով, եւ թոյլտւութեամբ մարզպանին, որուն Դենշապուհ չկրցաւ դիմադրել: Որովհետեւ Միհրներսէհի գրութեան վերջը գրուած, կամ արարէք բանառբառ նամակիդ պատասխանի պայմանը (ԵՂԻ. 22), հաւաքումը կ՚արդարացնէր: Ժողովին տեղը Փարպեցին չ՚որոշեր, իսկ Եղիշէ կը դնէ ի թագաւորանիստ տեղին յԱրտաշատ (ԵՂԻ. 22): Արտաշատ գրեթէ երկու դարէ ի վեր այլեւս թագաւորանիստ չէր եւ նշանաւոր տեղ մըն ալ չէր նկատուեր, եւ այս պատճառով եղան ոմանք որ գրչութեան սխալ մը եղած ենթադրեցին, եւ ժողովին գումարումը Վաղարշապատի մէջ աւելի յարմարագոյն տեսան, ուր էր նաեւ հայրապետանոցը եւ եկեղեցական կեդրոնը: Սակայն լոկ ենթադրութեամբ ուղղութիւն մը` հիմնաւոր չի լինիր, եւ կրնայ ալ մտածուիլ` թէ կամաւ ուզած ըլլան պաշտօնական կեդրոնէ հեռու մնալ, եւ առանձնացեալ տեղ մը հաւաքուիլ, ուր էր Լուսաւորչի կենդանաթաղ Վիրապը, Հայոց վշտալից կացութեան խորհրդաւոր նշանակը: Ժողովի ժամանակին համար ալ, քանի որ 449-450 ձմեռուան մէջ հաւաքուիլը յայտնի է, յարմարագոյն կը սեպէինք, 449-ի Դեկտեմբերին: Աստուածայայտնութեան մեծ տօնէն առաջ, Յիսնակաց պահքին միջոցին դնել զայն: Ժողովէն ետքը կատարուած բաւական եղելութիւններ կան տակաւին, որք 450-ի Զատիկէն առաջ լրացած են:

241. ԺՈՂՈՎԻՆ ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ

Ժողովին կազմութեան եւ գործերուն վրայ Փարպեցիին եւ Եղիշէին տուած տեղեկութիւնները կը տարբերին, սակայն լաւ ուսումնասիրելով կը տեսնուի, որ ոչ թէ իրարու հակասող են, այլ իրար կը լրացնեն: Վերագոյնդ դիտեցինք թէ պաշտօնական հրովարտակներէն Փարպեցին թագաւորին հրամանագիրը յիշած է, իսկ Եղիշէ Միհրներսէհի կրօնական բացատրութիւնը 236): Այդ տարբերութիւնը այստեղ ալ կը նշմարուի, որովհետեւ Փարպեցի ազգային պատմութիւն կը գրէ, իսկ Եղիշէ կրօնական ջատագովութիւն, եւ իւրաքանչիւրը իր նպատակին ծառայող կէտերը ի վեր կը հանէ: Ժողովին գլուխը երկու պատմագիրներէն ալ գրուած է Յովսէփ Հողոցմեցին, մէկէն եպիսկոպոս Արարատայ կոչուած (ԵՂԻ. 22), եւ միւսէն որ զկաթողիկոսութեանն Հայոց զաթոռն ունէր (ՓԱՐ. 44): Ետեւէն կու գան 17 եպիսկոպոսներու անուններ, 16-ը երկուքին մէջ ալ նոյն անձերը, միայն կարգը տարբեր, եւ կը կարծենք թէ ոչ աթոռներու առաջնութիւնը եւ ոչ աթոռակալներու երիցութեան կարգը նկատի առնուած է, այլ ըստ դիպաց շարուած են անունները: Թէպէտ կրնայ ալ ըլլալ, որ մէկը աթոռներու միւսը աթոռակալներու կարգին յառաջնութեան հետեւած ըլլայ, սակայն որոշելու եւ ճշդելու նշաններ կը պակսին: Ահա եպիսկոպոսներու ցուցակը, Փարպեցիին տուածին համեմատ.

1. Անանիա Սիւնեաց ըստ Եղիշէի 10.

2. Մուշէ Արծրունեաց ե 11.

3. Սահակ Տարոնոյ ե 1.

4. Սահակ Ռշտունեաց ե 12.

5. Մելիտէ Մանձկերտոյ ե 2.

6. Եզնիկ Բագրեւանդայ ե 3.

7. Սուրմակ Բզնունեաց ե 4.

8. Թաթիկ Բասենոյ ե 6.

9. Երեմիա Մարդաստանի ե 8.

10. Գագ Վանանդա ե 14.

11. Բասիլ Մոկաց ե 13.

12. Եղբայր Անձեւացեաց ե 16.

13. Տաճատ Տայոց ե 5.

14. Քասուն Տարբերունւոյ ե 7.

15. Զաւէն Մանանաղւոյ ե 9.

16. Եղիշէ Ամատունեաց ե 15.

17. Երեմիա Ապահունեաց ե 17.

Երկու անուններ քիչ մը տարբերութեամբ, եւ թերեւս աւելի ուղիղ կերպով գրուած են Եղիշէէ, Մելետ Մանազկերտոյ եւ Քասուն Տուրուբերանոյ, եւ միայն մէկ անուն բոլորովին տարբեր է, զի Մանանաղւոյ Զաւէնի տեղ գրուած է Եւզազ Մարդաղւոյ: Գաւառներուն իրարու կից ըլալը` իբր նոյնութեան նշան կրնան ընդունուիլ, եթէ եպիսկոպոսներու անունները բոլորովին տարբեր չըլլային: Եղիշէ եպիսկոպոսներէ զատ ընդհանուր կերպով կը յիշէ բազում քորեպիսկոպոսք եւ պատուական երիցունք, հանդերձ սուրբ ուխտիւ եկեղեցւոյ (ԵՂԻ. 22), մինչ Փարպեցի կը յիշէ ի պատուական երիցանց սուրբն Ղեւոնդ, եւ Խորէն ի Մրենեայ, եւ Դաւիթ, եւ այլ պատուական երիցունք, եւ աւագ վանականք բազումք, հանդերձ սքանչելի եւ հրեշտակակրօն տերամբն Աղանաւ, որ էր յազգէն Արծրունեաց (ՓԱՐ. 45): Յիշեալ անձերուն ինքնութեան վրայ չենք ուզեր երկարել, ոմանք ծանօթ են արդէն, ինչպէս Եզնիկ Բագրեւանդայ եւ Անանիա Սիւնեաց, ուրիշներ պիտի ծանօթանան պատմութեան ընթացքին, ինչպէս Սահակ Ռշտունեաց եւ Թաթիկ Բասենոյ: Երկու պատմագիրներուն գլխաւոր տարբերութիւնն է, Եղիշէի կողմէն նախարարաց ներկայութեան չյիշուիլը, թէպէտ անոնց հաւանութեամբ հաւաքուիլը կը գրէ, մինչ Փարպեցի յականէ յանուանէ կը յիշէ 18 նախարարներ, Վասակ Սիւնի, Ներշապուհ Արծրունի, Վրիւ Խորխոռունի, Վարդան Մամիկոնեան, Գիւտ Վահեւունի, Արտակ Մոկացի, Շմաւոն Անձեւացի, Մանէճ Ապահունի, Առաւան Վանանդեցի, Արշաւիր Արշարունի, Վահան Ամատունի, Ատոմ Գնունի, Վարազշապուհ Պալունի, Հրահատ Աշոցեան, Հմայեակ Դիմաքսեան, Գազրիկ Աբեղեան, Փափագ Առաւեղեան, եւ Վրէն Ձիւնական, եւ կ՚աւելցնէ աւագ սեպուհները (ՓԱՐ. 45): Ահնար է որ առանց նախարարներու ժողով գումարուած ըլլայ, իսկ Եղիշէէ չյիշուելնին, պէտք է վերագրել Եղիշէի կողմէ լոկ կրօնական նամակին պատճէնը տրուելուն, որուն մէջ մաս չէին կրնար ունենալ նախարարները:

242. ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ժողովին առջեւ երկու տարբեր գիրեր կային, թագաւորական հրովարտակը եւ Միհրներսէհի յորդորականը. առաջինին հանդէպ պէտք էր որոշումնին յայտնել, իսկ երկրորդին մասին միտքերը լուսաբանել եւ քրիստոնէութիւնը ջատագովել: Հրովարտակին տրուած պատասխանը ունինք Փարպեցիէ, արի եւ համարձակ մերժում մը, ինչպէս վայել էր ճշմարիտ քրիստոնեաներու: Հայերը այդ գիրով կ՚ընդունին թէ հպատակութիւնը իրենց պարտքն է, ոչ միայն ըստ երկիւղի մարդկան, որ ըստ օրինի չար ծառայից ծառայել մըն է, այլեւ ի հրամանէ օրինաց իրենց կրօնքին` պարտաւորութիւն կը զգան ծառայել ոչ միայն կարասւոյ ծախիւք, այլեւ զարիւն անձանց եւ որդւոց ի վերոյ ձեր դնել: Միայն, կը յաւելուն, թէ վասն հոգւոց գիւտի եւ կամ կորստեան ոչ թագաւորին հոգածութեան կը սպասեն, եւ ոչ ալ այդ գործը անոր կը թողուն (ՓԱՐ. 45): Կը շարունակեն ըսելով, թէ Պարսից կրօնքը սուտ եւ արժանի ծաղու է, եւ իրենց կրօնքը աստուածասէր եւ ճշմարիտ է, եւ այդ կէտին վրայ բաւական ծանր բացատրութիւններ ալ կը խառնեն: Պարսից կրօնքին վրայ գրուած գիրը բանալ անգամ եւ կամ տեսանել չեն ուզած, եւ իրենց կրօնքին բացատրութիւնը գրել եւ տալ բերել, ի դէպ եւ պատշաճ չեն սեպած, եւ կը կնքեն թէ տարերց ոչ ծառայեմք, արեգական եւ լուսնի, հողմոց եւ կրակի պաշտօն ոչ մատուցանեմք (ՓԱՐ. 46): Այսպէս եղած է թագաւորին ուղղուած պատասխանը, եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու համամտութեամբ որոշուած: Սակայն Եղիշէէ ունինք ուրիշ երկար գրուածք մը, որուն մէջ թէ մազդեզական կրօնքին հերքումը եւ թէ քրիստոնէական կրօնքին ջատագովութիւնը մանրամասնօրէն կը պարունակուի, մինչ այդ բանը ընելնին վերոյիշեալ նամակին մէջ զլացած էին: Այդ կէտին վրայ մեր կարծիքն է, թէ որչափ ալ նախարարներուն ազդեցութեան ներքեւ եկեղեցականք համաձայնած են կրօնական բացատրութեանց չմտնել, սակայն յետոյ եկեղեցականք առանձին մնալով խորհած են թէ պէտք չէ անպատասխանի թողուլ Միհրներսէհի յորդորական գրուածը, եւ ոչ ալ ներել որ լռութիւնը իբր պարտութիւն նկատուի: Ուստի ժողովուրդը լուսաբանելու եւ քաջալերելու համար, կաթողիկոսի եւ եպիսկոպոսաց անունով պատրաստած են Միհրներսէհի գիրին բոլորովին կրօնական պատասխան մը, ոչ այնչափ հասցէին ղրկելու, որչափ ժողովուրդին մէջ ցրուելու եւ քրիստոնեաները սրտապնդելու համար: Մենք հարկ չենք տեսներ այդ գրուածին ամփոփումն ընել, քանի որ կրօնական վարդապետութեան յայտնի կէտեր են գրուածները: Յիշատակի արժանի կը գտնենք պարագայ մը, զոր գրուածին սկիզբը կը յիշեն, թէ Որմիզդի թագաւորութեան ատեն, այսինքն Դ. դարուն սկիզբը, նշանաւոր մոգ մը քրիստոնէութիւն ընդունած, եւ մի առ մի զրադաշտական օրէնքին կէտերը հերքած է, եւ Պարսիկներ չկարենալով բանիւ զդեմ ունել, քարկոծելով սպաննած են զայն: Բայց անունը յիշուած չլինելով, չենք գիտեր թէ ում ակնարկել ուզած են: Գեղեցիկ է եւս նամակին փակումը. Աւասիկ կամք զբոլոր մարմին տուեալ ի ձեռս քո, վաղվաղակի արա զինչ եւ կամիս, ի քէն տանջանք, եւ ի մէնջ յանձնառութիւնք, սուր քո, եւ պարանոցք մեր (ԵՂԻ. 22-31): Ինչ ալ ըլլան վերջապէս նամակներով տրուած պատասխանները, Արտաշատու ժողովին հիմնական որոշումը եղաւ, կենօք եւ մահու ի նմին կալ հաստատուն, եւ երդմամբ եդին վկայութիւն ` ամէն կերպով քրիստոնէութիւննին պաշտպանել (ԵՂԻ. 31):

243. ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ԿԱՆՉՈՒԻՆ

Մեր երկու նախատիպ պատմիչներն ալ համամիտ են վկայել, թէ Հայոց կողմանէ նամակ հասաւ Տիզբոն, այնպիսի ոճով գրուած, որ Յազկերտը կատղեցնելու չափ զայրացուց, եւ անմիջապէս մոգպետը եւ մոգերուն գլխաւորները, Միհրներսէհը եւ պետութեան աւագանին ժողովի գումարուեցան` թէ ինչ պէտք էր ընել Հայերուն կողմէ յայտնուած համարձակութեան հանդէպ, եւ ամէնքը իրարու հետ կը մրցէին Յազկերտի ցասումը սաստկացնելու, եւ Հայոց դէմ վերջնական եւ վճռական հրաման մը ձեռք անցընելու համար: Կ՚ըսէին, որ եթէ Յունաց կայսրն իսկ հրամանէդ դուրս չ՚ելլեր, եւ Հոնաց թագաւորն ալ քեզի կը ծառայէ, ուրտեղէն ո՞ւր Հայեր կը համարձակին հրովարտակդ անարգել (ԵՂԻ. 32): Եւ կ՚աւելցնէին, որ եթէ տեղէ մը օգնականութեան յոյս չունենային, այդպիսի ընդդիմութիւն մը միտքերնէն իսկ չէին կրնար անցընել, թող թէ գրութեամբ յայտարարել (ՓԱՐ. 46): Այսուհանդերձ, Յազկերտ արշաւանքի կամ կոտորածի բուռն հրաման մը չարձակեց, եւ բաւական սեպեց իրեն կանչել նախարարներուն աւելի ազդեցիկներէն տասը հատը, յականէ յանուանէ զորս ինքն ճանաչէր (ԵՂԻ. 32), որպէսզի անոնց ձեռքով գործը յաջողցնէ: Հայոց վրայ գործածուած միջոցները Վրաց եւ Աղուանից վրայ ալ գործածուած էին, եւ Հայերուն նման Վրացիներ եւ Աղուաններն ալ յայտնի մերժման պատասխաններ ղրկած էին, եւ թերեւս երեք ազգերուն համամտութիւնն էր, որ Յազկերտը կը կասեցներ անմիջապէս բռնական միջոցներու դիմելէ: Ըստ այսմ Հայերուն տրուած հրամանին նման` Վրացիներէն եւ Աղուաններէն ալ գլխաւոր նախարարներ Տիզբոն երթալու հրաման ստացան: Երբոր հրամանագիրները եկան, երեք ազգերու մէջ պատգամաւորութիւններ փոխանակուեցան ընելիքնին որոշելու համար: Մտածեցին եւ տեսան թէ` զչերթալն որպէս ապստամբութիւն կարծեցուցանել ` լաւ չէ, ուստի զերթալն լաւագոյն դատեցին: Իրենք իրենց մէջ հաստատուն մնալու առնէին ուխտադրութիւնս, եւ բազում երդմամբ աւետարանին հաստատէին, եւ գործին ելքը Աստուծոյ յանձնելով կ՚որոշէին ճամբայ ելլել (ՓԱՐ. 47): Հայերէն կանչուածներն էին Վասակ Սիւնի, Ներշապուհ Արծրունի, Արտակ Ռշտունի, Գադիշոյ Խորխոռունի, Վարդան Մամիկոնեան, Արտակ Մոկացի, Մանէճ Ապահունի, Վահան Ամատունի, Գիւտ Վահեւունի, եւ Շմաւոն Անձեւացի: Այս տասնէն ութները, Արտակ Ռշտունիէ եւ Գադիշոյ Խորխոռունիէ զատ, Արտաշատի ժողովին ներկայ եղած եւ հաստատութեամբ երդում ըրած էին 241): Երբոր երթալու որոշումը տրուեցաւ, Վաղարշապատի մէջ Յովսէփի հայրապետական օրհնութիւնն առին, եւ իրենց գաւառները հանդիպելով եւ ճանապարհի կարգադրութիւնները աւարտելով, գնացին յիւրաքանչիւր տեղեաց ի դուռն արքունի (ԵՂԻ. 33): Վրացիներէն կը յիշուին, բդեշխն Աշուշայ եւ ` այլ տանուտեարք աշխարհին (ՓԱՐ. 47), իսկ Աղուաններէն գացողները անունով յիշուած չեն:

244. ՈՒՐԱՑՈՒԹԵԱՆ ՍՏԻՊՈՒՄՆԵՐ

Ժողովական նամակին Տիզբոն հասնիլը, Պարսիկներուն պետական խորհրդակցութիւնները, նախարարներուն կանչուիլը, երեք ազգերուն պատգամաւորութիւնները, երթալու որոշումը, եւ մինչեւ Տիզբոն ուղեւորութիւնը, գրաւեցին 450 տարւոյ առաջին երեք ամիսները, Նախարաներ ետեւէ ետեւ կ՚ուղեւորէին, եւ կ՚ենթադրենք թէ որոշ տեղ մը խմբուելով, մէկտեղ ըրին Պարսից մայրաքաղաքը մուտքերնին, իւրաքանչիւրը իրեն հետ այրուձի հետեւորդներու խումբ մը ունենալով: Սակայն զարմացմամբ դիտեցին, թէ սովորական եղող պատուասիրութիւնները այս անգամ չկատարուեցան: Այսուհանդերձ առանց յապաղման յանդիման լինէին մեծի թագաւորին, եւ օրն էր ի մեծի շաբաթու զատկին (ԵՂԻ. 33), որ է 450 տարւոյ Ապրիլ 15-ին, աւագ շաբաթ օրը: Գուցէ խորհրդով էր որոշուած այդ օրը, քրիստոնէից հրաշափառ տօնը անարգելու համար: Յազկերտ ներկաներուն բերնէն հպատակութեան յայտարարութիւնը կրկին լսելէն ետքը, վրայ կը բերէ, թէ պէտք է ուրեմն իր հրովարտակին ալ հնազանդին, մինչ իրենք յանդգնած էին իրենց նամակներով ընդդիմանալ, սակայն ինքը գիտէ պէտք եղած միջոցները գործածել, մինչեւ ակամայ կատարեսջիք զկամս հրամանաց իմոց (ԵՂԻ. 34): Այդ սպառնալիքներուն կը պատասխանէ Վարդան Մամիկոնեան ամենուն բերնէն, թէ պետական պարտաւորութիւննին կատարելու մէջ երբեք զանցառու գտնուած չեն, ոչ ի խաղաղութեան եւ ոչ ի պատերազմի, եւ ասկէ ետքն ալ չեն գտնուիր, այլ թէ կրօնական խնդիրը իւրաքանչիւրին խիղճին կը պատկանի, եւ ինքն իր հաւատքը չ՚ուզեր երբեք փոխել (ՓԱՐ. 49): Ասոր վրայ Յազկերտ նորէն իր հրամանը երեքկնէր եւ չորեքկնէր, սպառնալով զիրենք Սակաստան աքսորել, ընտանիքնին Խուժաստան ցրուել, եւ իրենց երկիրները քակել, քանդել եւ յապականութիւն դարձնել(ԵՂԻ. 36): Ասոր վրայ երեք ազգերուն նախարարներն ալ կը համաձայնին աւուրս ինչ խնդրել Յազկերտէ, որպէսզի կարենան խորհել ընդ միմիանս: Ասիկա իրենց կը շնորհուի (ՓԱՐ. 49): Տագնապի օրեր եղան Զատիկին տօնական օրերը: Հայ ու Վրացի ու Աղուան նախարաները մէկտեղ գրուած էին, լայն հսկողութեան ներքեւ, եւ շարունակ կը խորհրդակցէին, աչուըներնուն առջեւ ունենալով Յազկերտի սպառնալիքները: Նուազ կը հոգային ինքզինքնին, քան թէ իրենց երկիրը: Նախարարներէն ոմանք Պարսկաստանի զինուորական ծառայութեան կը գտնուէին, ուրիշներ ալ Ճորայ Պահակէն անդին մնայուն բանակին մէջ էին (ԵՂԻ. 33), թող անոնք, որ հեռաւոր անապատին ամրոցներուն պահպանութեան ղրկուած էին (ԵՂԻ. 18), այնպէս որ երկրին ոյժը տկարացած էր, եւ եթէ իրենք ալ աքսորուէին, երկիրը առանց գլուխի անտերունջ պիտի մնար, եւ իրենք պիտի ըլլային անթիւ բազմութեան արանց եւ կանանց, ծերոց եւ տղայոց, պատճառ յաւիտենից կորստեան (ՓԱՐ. 50): Անհնարին տագնապին առջեւ մեծամասնութեան գաղափարն էր, որեւէ կերպով զերծանել յորոգայթէն, որուն մէջ ինկան միամտաբար, եւ կ՚ըսէին որ եթէ առ ժամ մի յանձն առնումք պատճառանօք զհրամայեալս, ազատութիւն կը ստանանք երթալ յիւրաքանչիւր աշխարհ, եւ անգամ մը մեր տեղը, կեամք ծառայելով ճշմարիտ հաւատոյն Քրիստոսի, եւ եթէ ստիպուինք` գնամք իւրաքանչիւր յօտարութիւն կնաւ եւ որդւովք (ՓԱՐ. 50): Այս էր մեծամասնութեան միտքը, սակայն ամենուն դէմ կը մաքառէր Վարդան` որ առերեսս ուրացութիւնն ալ եպերելի կը սեպէր, եւ բացէ բաց կը յայտարարէր. Մի ' լիցի ինձ ստել Արարչին իմում պատճառանօք եւ կամ ճշմարտութեամբ (ՓԱՐ. 51): Նախարարներ չէին ալ կրնար Վարդանէ բաժնուիլ, եւ զայն իր հաստատամտութեան մէջ թողլով, իրենք իրենց խորհուրդը գործադրել, վասնզի գիտէին թէ ապագային առանց Վարդանի բան մը ընել պիտի չյաջողէին: Վարդանի ընդդիմութեան յաղթելու համար յատուկ յանձնարարութիւն տուին Արտակ Մոկացիի եւ Աշուշա Վրացիի, որովհետեւ առաջինը Վարդան առաւելապէս պատուով սիրէր, եւ երկրորդն ալ էր այր խելացի եւ խորհրդական, եւ միանգամայն Վարդանի եղբօր Հմայեակին քենակալն էր(ՓԱՐ. 52): Երկուքն ալ իրենց ամէն ճիգը թափեցին, անել վիճակը բացատրեցին, ապագային յաջողութիւնը փայլեցուցին, եւ մինչեւ իսկ Սուրբ Գիրքէ վկայութիւններ առաջ բերին, զորօրինակ Քրիստոսի համար ըսուածը, թէ որ ոչն գիտէր զմեղս, վասն մեր մեղս արար . ԿՐՆ. Ե. 21) եւ Պօղոսի գրածը, թէ ուխտիւք խնդրէի ես իսկ ինքնին նզով լինել ի Քրիստոսէ վասն եղբարց իմոց եւ ազգականաց ըստ մարմնոյ (ՀՌՄ. Թ. 3): Ասկէ կը տեսնուի որ ոչ թէ միայն Վարդան իբրեւ Սահակի թոռ` յոյժ հմուտ էր եւ ընտել գրոց վարդապետութեան (ՓԱՐ. 52), այլեւ միւս նախարարներն ալ կրօնական հմտութեանց մէջ զարգացեալ էին: Այդ բանակցութիւնները տեւեցին զաւուրս սակաւս, որով գոնէ Զատկին եօթնեակը պարտինք իմանալ:

245. ԿԵՂԾ ՈՒՐԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հարկաւ Յազկերտ օրը օրին եւ վայրկեանը վայրկեանին կը հետեւէր նախարարներուն խորհրդակցութեանց: Ասոնք ալ, առերեսս չէզոքութեան խորհուրդը իբրեւ իսկական զիջողութիւն ցոյց տալու համար տեղեկատուներ պակաս չէին ըներ հարկաւ. գոնէ Վասակ մարզպան հաճոյական ծառայութեան մէջ գտնուած լինելու առիթը չէր ուզեր փախցնել: Յազկերտ իր սպառնալիքներուն իրականութիւնը ցուցնելու համար, հրամաններ կու տար նախարարները յանդարձ օտարութիւն տանելու համար պէտք եղած գունդերը պատրաստել: Թագաւորին խորհրդականներէն մէկն ալ, որ մկրտեալ իսկ էր յաւազանն կենդանի, եւ որ բռնադատեալ ուրացող մը եղած կը կարծուի, վասնզի ի ծածուկ ունէր զանքակ սէրն ի Քրիստոս, լուր կու տայ գաղտնապէս, որ ինչ ընեն` ընեն, միայն թէ առ անգամ մի ի նեղութենէ անտի զանձինս ապրեցուսցեն (ԵՂԻ. 37): Ճիշդ այս օրերուն գուժկան կը հասնէր, թէ Քուշանաց կողմէ նոր յարձակում տեղի ունեցած է, որով Յազկերտ կը պարտաւորուէր անմիջապէս օգնութեան բանակ ղրկել, եւ ինքն ալ կը պատրաստուէր ետեւէն հասնիլ: Անակնկալ պատահարը լինէր մեծ օգնականութիւն նոցա յերկնից, որովհետեւ Յազկերտ կը պարտաւորուէր ձեռնարկեալ խնդիրին մէջէն պատուով ելլել, ուստի որեւէ զիջողութեան խոստումով կը գոհանար, եւ հանդիսաւոր արարողութեան պայմաններ զանց կ՚ընէր (ԵՂԻ. 38): Նախարարներն ալ միւս կողմէ երդմամբ ձեռնագիր կու տային Վարդանի, որ անգամ մը որոգայթէն ելլելէն եւ իրենց երկիրը դառնալէն ետքը, ըստ ամենայնի անոր հրահանգին պիտի համակերպին, ու կ՚ըսէին. Ամենայն ասացելոց ի քէն լուիցաք եւ արասցուք, դնելով զանձինս մեր ի վերայ ուխտին սրբութեան: Ահա թէ ինչպէս Վարդան ալ պարագայից փոփոխման ազդեցութիւնը կրեց, եւ յանձն առ վայր մի զպատճառանօք վիրաւորիլն: Յազկերտի կը հաղորդուէր, թէ նախարարներ յանձնառու կը լինին, եւ ի տուն մոխրանոցին երթալով, կէսքն, այլ ոչ ամենեքին, պատճառանօք, եւ ոչ ճշմարտութեամբ, զխոնարհումն գլխոց իւրեանց ցուցանէին (ՓԱՐ. 53), եւ այսչափով կը վերջանար գործը, իբր թէ կատարեսցին կամք անօրէնութեան Յազկերտի (ԵՂԻ. 38): Ուրախութեան մեծ շարժում տեղի ունեցաւ Պարսիկ արքունեաց մէջ: Նախարարներուն առատ ու ազգի ազգի նուէրներ կը տրուէին, խրախճանութիւններ կը կազմակերպուէին, եւ երեք ազգերուն տանուտէրերը ու սեպուհները ի հանդերձս թագաւորականս զարդարէին, եւ ձեռուըներնէն եկած ամէն պատիւները կու տային (ՓԱՐ. 54): Եօթն հարիւրի չափ մոգեր կ՚որոշուէին անոնց հետ մէկտեղ երթալու, մեծ ոմն իշխան մոգպետի գլխաւորութեամբ եւ բոլոր կրօնական պատրաստութիւններով, բաւական այրուձի ալ անոնց ընկերակից կը տրուէր, պատուէրներ ու հրահանգներ կը յանձնարարուէին գործին յաջողութեան համար: Պարսկաստանի ամեն կողմերը ատրուշաններու մէջ գոհաբանական հանդէսներ կը կատարուէին, եւ վերջապէս նախարարները Յազկերտի կը ներկայանային հրաժեշտ առնելու եւ անմիջապէս տեղերնին մեկնելու (ԵՂԻ. 39): Այնտեղ Վարդան երկդիմի խօսքերով կը յայտարարէր, որ մինչեւ հիմա արիութեան եւ քաջութեան բաւական արդիւնքներ ցուցուցած ըլլալ կը կարծէ, բայց ասկէ ետքը, կ՚ըսէ, հնարիմ օգնականութեամբ Աստուծոյ գործել գործ այնպիսի, զոր ոչ միայն առաջի ձեր Արեաց, այլ եւ ի կայսեր դրանն եւ յայլ ազգս պատմեսցէ համբաւն այն մինչեւ ցյաւիտեան (ՓԱՐ. 559): Ստոյգ ալ տիեզերահռչակ եղաւ Վարդանի կատարած նահատակութեան մեծ գործը: Նախարարներ եւ մոգական կարաւանը մեկնեցան Տիզբոնէ, միայն Բաբիկ եւ Ատրներսէհ Սիւնիք` Վասակի զաւակները, եւ Աշուշա Վրացի, պահուեցան իբր պատանդ (ՓԱՐ. 55): Իսկ մոգերը հրահանգ ունէին ցրուիլ Հայոց, Վրաց, Աղուանից, Լփնաց, Աղձնեաց, Կորդուաց եւ Ծօդէից երկիրները, եւ այս պատճառով իրենց մէջ փայտ ընկենուին եւ վիճակս արկանէին, թէ որ լեզու որում դասու հասցէ յաշակերտութիւն (ԵՂԻ. 39):

246. ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՃՇԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եղիշէ երկու ժամանակագրական տեղեկութիւններ կ՚աւելցնէ այստեղ: Նախ կ՚ըսէ թէ մոգական կարաւանին պետերը տագնապէին եւ ստիպէին արքունի հրամանաւ ժամ առաջ Հայաստան հասնելու, որովհետեւ Հայաստանի մէջ գործի սկսելու որոշուած էր, կէտ եդեալ զժամանակն, զամիսն վեցերորդ (ԵՂԻ. 39): Ասիկա գործի սկսելու պայմանաժամն էր: Իսկ վերջացնելու համար տարի մը միջոց տրուած էր, մինչեւ ի նաւասարդէ նաւասարդ, որպէսզի վերջնապէս բարձցին կարգք եկեղեցւոյ, փակեսցին եւ կնքեսցին դրունք սուրբ տաճարաց (ԵՂԻ. 40): Երկրորդ մասը հայերէն ամիսներով բացատրուած է, եւ Հայ նաւասարդը շարժական տոմարով այն տարի Օգոստոս 6-ին կ՚իյնար, որով ըսել կ՚ըլլայ թէ 450 Օգոստոս 6-էն մինչեւ 451 Օգոստոս 5, պէտք է քրիստոնէութիւնը Հայաստանէ ջնջուած ըլլար, եւ կրակապաշտութիւնը ամէն կողմ հաստատուած: Այդ իմաստով պէտք է` որ առաջին մասին մէջ յիշուած վեցերորդ ամիսն ալ, միեւնոյն սկզբնաւորութեան պատասխանէր, գոնէ մերձաւորապէս, որպէսզի արքունի հրամանին պարագաները իրարու համաձայն ըլլային: Վեցերորդ ամիսը, ամսուն անունով յիշուած չլինելը, կը ցուցնէ թէ հայկական ամսու վրայ չէ խօսքը, ապա թէ ոչ ամսուան անունը յայտնապէս գրուած կ՚ըլլար: Պարսից քաղաքական տոմարն ալ Հայոց հին շարժական տոմարին նման էր տարեկան հաստատուն 365 օրերով, եւ նահանջ տարիով, որուն տարեգլուխն ալ Նէօլտէքէի հաշուով 450-ին պէտք էր իյնար Օգոստոս 1-ին (ՆՕԼ. 435), մեր Օգոստոս 6-էն քանի մը օրերու տարբրութեամբ: Օգոստոս 1-էն հաշուելով վեցերորդ ամսուն սկիզբը կ՚իյնայ Դեկտեմբեր 29-ին, որ չի պատասխաներ նաւասարդով սկսուելիք տարիին: Եւ ոչ ալ յարմար լուծում կ՚ունենանք եթէ վեցերորդ ամիսը ուրացութեան թուականէն կամ Յազկերտի ներկայանալէն` Ապրիլ 15-էն հաշուէինք, վասնզի այն ատեն ալ վեցերորդ ամիսը Հոկտեմբերի կէսին կ՚իյնար: Այս խնդիրը կը լուծուի Պարսից կրօնական տոմարով, որուն հաստատուն տարեգլուխը կը նկատուի գարնանային գիշերահաւասարը Մարտ 21-ին: Այս տոմարին մէջ տարեկան 6 ժամերու մնացորդները 1460 տարի չեն յետաձգուիր նահանջ տարի մը կազմելու համար, այլ իւրաքանչիւր 120 տարի նահանջ ամիս մը աւելցնելով նորէն տարեմուտը Մարտ 21-ի գիշերահաւասարին կը բերուի: Հաստատուած հաշիւներով, նահանջ ամսոյ ուղղութիւնը վերջին անգամ 411-ին եղած ըլլալով, անկէ մինչեւ 450 անցած էին 39 տարիներ, որք 9 օրով յետաձգած էին կրօնական տարեգլուխը, եւ փրավարտինի` կամ առաջին ամսուան սկիզբը կ՚իյնար Մարտ 12-ին, եւ այս հաշուով շաթվայրով` այսինքն վեցերորդ ամիսը պիտի սկսէր Օգոստոս 9-ին: Այդ հաշիւը կու գայ գրեթէ օրը օրին նոյնանալ Օգոստոս 6-ի նաւասարդին հետ, եւ կ՚արդարացնէ Եղիշէի տուած ժամանակները: Այս կերպով Հայաստանը կրակապաշտ ընելու գործին, նախարարներու կեղծ ուրացութենէ սկսելով, 3 ամիսէ աւելի միջոց մը տրուած կ՚ըլլայ, գործնական ձեռնարկները սկսելու համար:

247. ԱՆԳՂԻ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Վերեւ բացատրուած ժամանակագրութեամբ կեղծ ուրացութիւնը տեղի ունեցած կ՚ըլլայ Պարսից կրօնական տոմարին երկրորդ ամսուան մէջերը, եւ պէտք է ըսել, թէ պատրաստութիւնները բաւական արագութեամբ կատարուեցան, որ մոգերը եւ իրենց հետեւողները յամսեանն չորրորդի եկին հասին յաշխարհն Հայոց, եւ բանակեցան Ծաղկոտն գաւառի Ձիրաւ, այժմ Տիատին դաշտին վրայ: Անոնց բանակատեղին մօտ էր Անգղ գիւղաքաղաքը, որ ամուր բերդ էր, եւ որ ըստ ոմանց նոյնացուած է այժմեան Ղարղալըխի հետ: Չորրորդ ամսուան սկիզբը կ՚իյնար Յունիս 10-ին, եւ յամսեանն չորրորդի բացատրութիւնն ալ կրնանք նոյնիսկ ամսուան սկսելուն վրայ մեկնել: Բայց կանուխէն հասած էր Հայաստան նախարարներուն ուրացութեան գոյժը: Նոյնիսկ Տիզբոնի մէջ գտնուող քրիստոնեայ գունդեր, սկսան անոնց երեսը զարնել իրենց տկարամտութիւնը (ԵՂԻ. 41), մէկտեղ գացող եկեղեցականներն ալ անոնցմէ բաժնուեցան, եւ հեծեալ պնդադեսպան մը հասուցին Հայաստան իրողութիւնը զեկուցանելու: Հազիւ թէ կաթողիկոս եւ եպիսկոպոսներ գոյժը լսեցին, ժողովուրդը քաջալերելու համար իրենց վիճակները ելան, ամէն կողմ քորեպիսկոպոսներ, այսինքն իրենց կողմէ փոխանորդներ ղրկեցին, դրդեցին ժողովեցին ազատներն ու շինականները, այրերն ու կիները, քահանաներն ու միայնակեացները, ուրացողներուն եւ անոնց հետ եկող մոգերուն դէմ դնելու համար, մինչեւ իսկ արեան կապերը մոռնալով` որդին հօրը եւ կինը ամուսինին պիտի չխնայէր. օրէնք աստուածային կացցեն թագաւոր ի վերայ ամենայնի (ԵՂԻ. 44): Այսպէս ամէն կողմ սկսան զինուիլ, իսկ Ղեւոնդ Վանանդեցի, որ Սահակի ժամանակէն Բագրեւանդի մէջ հաստատուած էր իբրեւ անոր տեղապահ (ԱՐԾ. 81), գլուխն անցաւ այն յառաջընթաց բազմութեան, որ առաջին անգամ պիտի դիմադրէր կարաւանին, Ծաղկոտն եւ Բագրեւանդ գաւառներու ճամբուն վրայ: Պարսկաստանէ հասնող կարաւանը ամիսի մը չափ հանգիստ ըրաւ Ծաղկոտնի դաշտին մէջ, թերեւս կը սպասէր որ կամաւոր յանձնառութիւններ գտնէ Հայոց կողմէն, գոնէ Տիզբոնէ դարձող եւ Պարսից դէնը ընդունող նախարարներ ձեռնարկ մը ընեն: Երկար սպասելէ ետքը, վերջապէս սկզբնաւորութիւն մը ըրած ըլլալու համար հասնելնէն 25 օր ետքը, Կիրակի օր մը Անգղի եկեղեցւոյն վրայ յարձակում մը կարգադրեցին: Կիրակին Յուլիս 2-ին կ՚իյնայ, այս օրը կրնայ ընդունուիլ իբր հաւանական թուական Անգղի գործողութեան: Ղեւոնդ երէց, իր օգնականներով եւ հետեւորդներով կանգնած էր եկեղեցւոյ պաշտպանութեան, փայտերով եւ քարերով զկաւափսանս մոգաց եւ մոգպետին ջարդեցին, զէնքի ալ դիմեցին, եւ հազիւ թէ մոգպետը կրցաւ ինքզինքը մահուընէ ազատել, ու իր տեղը ապաւինիլ: Մոգպէտը, որ կ՚երեւի թէ բոլորովին դաժան մէկը չէր, մինչեւ իսկ մտածեց ձեռնարկէն ետ կենալ: Մարզպանը խորհրդակցութեան հրաւիրեց եւ անոր յայտնեց թէ ինքն լսած է որ ժամանակով Շապուհ Մեծ թագաւորն ալ քրիստոնեաները դարձնելու միտք ունեցած է, եւ ամէն խստութիւն գործած է, բայց տեսնելով որ ընդհակառակն քրիստոնէութիւնը կը տարածուի, հալածանքը դադրեցուցած եւ ազատութիւն շնորհած է: Հիմակ ալ ինքը նոյնպէս գործը անհնար կը տեսնէ, ինչպէս որ մարզպանը պէտք էր առաջուց ճանչցած ըլլար: Ուստի ինքն յանձն կ՚առնէր թագաւորին եւ մովպետան մովպետին գրելով, անհնարութիւնը իմացնել, եւ բռնութիւնը դադրեցնել, եւ կը յորդորէր որ մարզպանն ալ իր կողմէ պէտք եղածը գրէ (ԵՂԻ. 44-47): Սակայն Վասակ բոլորովին ընդհակառակն մոգպետը կը քաջալերէ, Աղուանից կողմը գտնուող տասն հազարի բանակը Հայաստան բերել կը թելադրէ, ինքն ալ իր սեփական Սիւնեաց գունդը կը բերէ ի թիկունս օգնականութեան մոգաց եւ մոգպետին (ԵՂԻ. 48), եւ մոգական կարաւանը կը սփռի Հայաստանի ամէն կողմերը, բռնի կերպով կրակապաշտութիւնը հաստատելու:

248. ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Պետք չէ կարծել թէ մոգերուն կարաւանին հետ մեկնող կեղծուրաց նախարարները, անոնց հետ մէկտեղ Ծաղկոտնի դաշտին մէջ սպասած ըլլան, որովհետեւ անոնք հաստատեալ բազում անգամ եւ ի ճանապարհին զնոյն ուխտ երդման աւետարանին սրբոյ, հրաժարեալք եւ ի միմիանց ` գնացին յիւրաքանչիւր աշխարհս (ՓԱՐ. 55): Հարկաւ պէտք ալ չտեսան աղխիւ եւ կարասուով ծանրաբեռնուած կարաւանին հետ դանդաղաքայլ ճամբորդել, եւ իւրաքանչիւրը իր հետեւորդներով եւ սրընթաց քայլքով փութաց հասնիլ իր գաւառը: Առաջին գործերնին եղաւ եկեղեցականներուն եւ աշխարհականներուն գլխաւորներէն քանի մը հոգի հրաւիրելով, իրենց ծածուկ խորհուրդը բացատրել, եւ գաւառին եպիսկպոսէն իրենց արձակումն ընդունիլ (ԵՂԻ. 49), բայց տակաւին հրապարակաւ չէին յայտներ իրենց միտքը: Նոյնինքն Վարդան` որ իրեն եղբայրներուն եւ ազգատոհմին իր հաստատամտութիւնը վկայած էր, միայն առտնին ժամերգութիւնները կը կատարէր, եւ կը զգուշանար միաբանութեամբ ամենայն Հայովք երթալ յեկեղեցի (ՓԱՐ. 59): Այս միջոցին, իբրեւ նախապատրաստական միջոց մը, կաթողիկոսն Յովսէփ եւ Վասակ մարզպան, Ներշապուհ Արծրունի եւ Վարդան սպարապետ, համաձայն հաւանութեամբ Ատոմ Գնունի նախարարը պնդադեսպան կը յղէին Բիւզանդիոն, որպէսզի կայսրը տագնապալից կացութեան տեղեկութիւն ունենայ, եւ պատշաճ օգնութիւնը փութացնէ (ԵՂԻ. 54): Սակայն հազիւ թէ Ատոմ Բիւզանդիոն կը հասնէր, գիրը կը մատուցանէր եւ կայսերական դրան ժողովը նկատառութեան կը հաւաքուէր, Թէոդոս կը մեռնէր եւ կարի չար խափան լինէր գործոյն օգնականութեան (ԵՂԻ. 55): Արդ գիտենք որ Թէոդոս Բ. 450 տարւոյ Յուլիս 28-ին մեռաւ ձիէն իյնալով, եւ ոչ թէ երկար հիւանդութեամբ, որով մինչեւ մահուան օրն ալ կրնար Հայոց պատգամաւորին հետ զբաղիլ: Ամէն առթի մէջ պէտք է ընդունիլ թէ Հայեր շտապած են Բիւզանդիոնի կայսրութեան դիմելու: Իսկ Ատոմ Գնունին այն է` որ Արտաշատի ժողովին գտնուեցաւ 241), եւ տարբեր է Ատոմեան նահատակներու առաջնորդէն 239): Միեւնոյն ազգատոհմի մէջ համանուններ ստէպ կը գտնուէին, մանաւանդ որ իւրաքանչիւր ազգատոհմ իրեն սովորական եւ աւանդական անուններէն դուրս ելլել շատ չէր սիրեր: Անգղի եկեղեցւոյն պատահարը եւ Վասակի բռնած երկդիմի ընթացքը, վատ տպաւորութիւն գործեց ընդհանրապէս, եւ գլխաւորապէս Վարդան, յուսաբեկ վիճակ մը ստացաւ, թէ ընդդիմութիւնը պիտի չիրականանայ, ուստի գլուխն առնելու ու Պարսկական Հայաստանէ հեռանալու որոշումը տուաւ: Հմայեակ եղբայրն ալ իրեն կատարելապէս ձայնակցեցաւ, եւ ազգատոհմնին ժողուելով Տարոնէ մեկնեցան, որ Տուարածատափ եւ Բասեն գաւառներու ճամբով` Կարին ապաւինին եւ Յունաց բաժինը անցնին (ՓԱՐ. 57): Մամիկոնեան սպարապետին հեռանալը, Վասակի ալ աղէկ չեկաւ, մանաւանդ որ իրեն պատճառով տեղի կ՚ունենար հեռացումը, ուստի շուտով մօտը հրաւիրեց եպիսկոպոսներէն եւ նախարարներէն քանի մը գլխաւորներ, իրեն քրիստոնէական հաւատարմութիւնը կրկնեց, եւ անմիջապէս նամակ մը գրեց Վարդանի, եւ աւետարան մըն ալ բերել տալով երդմամբ կնքեց եւ ուրիշներուն ալ կնքել տուաւ, եւ պատգամաւորութիւն մը հանեց Վարդանի ետեւէն, որ զայն ետ դարձնեն: Պատգամաւորներն եղան Ղեւոնդ Վանանդեցի, Երեմիա Վաղարշապատցի ու Խորէն Մրենացի երէցներ, եւ Արշաւիր Արշարունի, Հմայեակ Դիմաքսեան, ու Գազրիկ Աբեղեան նախարարներ, որոնք նամակն ու աւետարանը առնելով Վարդանին ետեւէն հասան Արամանայ գիւղը, Բագրեւանդ եւ Բասեան եւ Տուարածատափ գաւառներու սահմանակցութեան վրայ, որուն ճիշդ դիրքը դժուար եղած է որոշել: Աւելի քան Վասակի գիրն ու երդումը, Ղեւոնդի եւ պատգամաւորներուն խօսքերը զօրաւոր եղան Վարդանը իր միտքէն կասեցնելու, եւ իրեն տեղը դարձնելու, այն վստահութեամբ, թէ ընդդիմութեան գործը իրապէս եւ ուժեղապէս ձեռք պիտի առնուի (ՓԱՐ. 58):

249. ՎԱՍԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Կեղծուրաց նախարարներուն առ երեսս թուլութիւնը, եւ մարզպանին պաշտօնական համակերպութիւնը, եւ մոգական կարաւանին եռանդը, համարձակութիւն տուած էին, որ բռնի կերպով եկեղեցիները կրակատունի փոխուէին, նոր ատրուշաններ շինուէին, նուիրական կրակը քաղաքներու մէջ հաստատուէր, եւ փայտակիրներու կարգեր եւ խումբեր կազմուէին, որով ամէն կողմ շփոթութիւններ տեղի կ՚ունենային` ժողովրդական դիմադարձութեանց եւ պետական բռնութեանց երեսէն: Բայց տակաւին Հայոց կողմէն որոշում չկար յայտնել զիրս ապստամբութեան, այսինքն ընդհանրապէս եւ բացարձակապէս թագաւորական հրովարտակին գործադրութեանը հակառակիլ: Վահան Ամատունի այդ յայտարարութիւնը փութացնելու գրգռողներէն մէկն էր, այլ անոր միտքը ուղիղ չէր, հոգւոյ փրկութեան գաղափարէն աւելի, իր հակառակորդին` Վասակ մարզպանին խաղ մը խաղալ կը փորձէր, որպէսզի եթէ ապստամբութեան չհաւանի Հայերէն սպանուի, իսկ եթէ հաւանի, նորա պատանդ որդիները սպանուին (ՓԱՐ. 60): Իսկ Վասակ բոլորովին տարտամ եւ անորոշ քաղաքականութեան մը կը հետեւէր: Եթէ սրտով իր քրիստոնէութեան մէջ ալ թոյլ էր, սակայն անկէ բաժնուելով ազգին ատելի դառնալ եւ ազդեցութիւնը կորսնցնել չէր ուզեր. ուստի ներքին յարաբերութեանց մէջ իր քրիստոնէութիւնը կը պաշտպանէր: Միւս կողմէն եթէ ուղղակի քրիստոնէութիւն ցուցնէր, մարզպանութիւնը կորսնցնելու վախը ունէր, եւ իբր պաշտօնեայ, թագաւորական հրամանները ճշդիւ կատարելու պարտքը կը զգար: Միանգամայն իբրեւ հայր` վասն որդւոց իւրոց կը հոգար, որոնք պատանդ մնացած էին, եւ շարունակ վտանգի ենթակայ էին: Քաղաքականութեան տեսակէտէն ալ, ուխտապահները յունական քաղաքականութեան կը կրթնէին, մինչ ինքն կը կարծէր թէ ազգին ինքնութիւնը աւելի լաւ կը պաշտպանուի պարսկական հովանաւորութեան ներքեւ, եւ թէ Յունաց հետ մերձաւորութիւնը աւելի դիւրաւ ձուլման եւ ընկլուզման կ՚առաջնորդէ: Սակայն պարսկական քաղաքականութիւնն ալ այնպիսի ծայրայեղութեան հասած էր, որ առանց ուխտազանց լինելու հնար չէր գործադրել: Արդ կերպով եւ իրարու հակառակ դիտումներով ալեկոծուած ընթացք մը ունէր Վասակ, որուն մասին պատմագիրներէն մէկը կ՚ըսէ թէ սրտի մտօք կալեալ էր զպարսկական օրէնսն (ԵՂԻ. 48), եւ միւսը կը գրէ թէ առաւել փառասէր ` աստուածատեաց խորհրդոց կը հետեւէր (ՓԱՐ. 60): Վերջապէս ամենուն աչքին կասկածելի երեւնալ սկսած էր:

250. ՈՒԽՏԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

Իսկ Վարդան, որ Յունաց բաժինը անցնելու գաղափարէն ետ կեցած էր, ուժգին դիմադրութեան գլուխը անցնելու համար, կը տեսնէր թէ պէտք էր վերջապէս կեղծիքի դիմակը պատռել, եւ տարտամ քաղաքականութենէ հրաժարիլ, մանաւանդ որ ի կարի հեղգալոյն մեծամեծ գործէին վնասք, եւ միւս կողմէն իրք ապստամբութեան գաղտնի չէին կրնար մնալ, եւ խօսքը սկսած էր տարածուիլ: Վարդան իրեն մօտ ժողով մը հաւաքեց, հրաւիրելով զպատուական եպիսկոպոսս եւ զականաւոր երիցունս եւ զաւագ տանուտեարսն եւ զսեպուհսն (ՓԱՐ. 60), եւ բացէբաց խնդիրը մէջտեղ դրաւ. Մինչեւ ցե՞րբ հանդուրժեմք թագուցանել զճշմարտութիւնն եւ կորնչիմք (ՓԱՐ. 61): Ասոր վրայ բոլոր ներկայք որ ի վանս սպարապետին հաւաքուած էին, միաբերան որոշեցին հրապարակաւ յայտարարել թէ քրիստոնեայ են եւ քրիստոնեայ կը մնան, եւ կրակապաշտ դէնը կը մերժեն, եւ թագաւորական հրովարտակը չեն ընդունիր (ԵՂԻ. 49), եւ իբրեւ նշանաբան կը կրկնէին. քաջութեամբ միայն մեռցուք, զանուն եւ զոգիս եւ եթ ժառանգեսցուք, զի կենդանի իցէ ի մեզ Քրիստոս (ԵՂԻ. 52): Այդ ժողովը Վասակէն գաղտնի եղած էր, որպէսզի ուխտապահներուն ընելիքները չգիտնայ, եւ ծրագիրնին չիմանայ: Սակայն ներկայ նախարարներէն Զանգազան Ոստանիկ, փութաց Վասակի լուր տանիլ, սակայն երբոր ձեռք ինկաւ, իբրեւ վատ մատնիչ քարկոծմամբ սպանուեցաւ (ՓԱՐ. 61): Իսկ Վարդան անմիջապէս ուխտապահները գունդերու բաժնեց, արեւելեան եւ արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը պահպանութեան բանակներ կազմեց (ԵՂԻ. 50), եւ ինքն հարաւային կողմը գնաց, Ծաղկոտն գաւառին մէջ, Անգղ բերդաքաղաքի մօտ բանակեցաւ, Պարսկաստանէ գալիք գունդերուն ճամբան կտրելու համար: Կազմուած գունդերը յարձակողական շարժման չսկսան, այլ դադարէին զաւուրս տօթոյն (ՓԱՐ. 60), ինչ որ կը ցուցնէ թէ այդ գործողութիւնները կը կատարուէին մերձաւորապէս 450 Օգոստոսի մէջ: Նոր ոգեւորութիւն մը կը սկսէր Պարսկական Հայաստանի ամէն կողմերը, եւ ոգեւորութեան հրահրիչներն էին եպիսկոպոսներն ու երէցները, ամէնքն ալ Սահակի եւ Մեսրոպի աշակերտներ, որոնց գլուխն էր Յովսէփ կաթողիկոս: Նորա հրամանովն էր որ ի տուէ եւ ի գիշերի անհատ էին ի սուրբ սաղմոսսն, եւ ոչ երբեք առնուին դադարումն մեկնիչքն ի մխիթարութիւն երկնաւոր վարդապետութեանն (ԵՂԻ. 52): Բայց պէտք էր Վասակի դիրքն ալ որոշել, եւ անոր կարծիքն ալ առնել, անոր համար եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, Վարդանի հետ մտին թափ առ մարզպանն Հայոց (ՓԱՐ. 61), այլ չենք կրնար բառացի ընդունիլ թէ զմարզպանն ձերբակալ արարեալ ըլլան (ԵՂԻ. 450), բայց եթէ այդ բառը բռնադատելու իմաստով առնուի: Վասակ նորէն համամտութիւն եւ համաձայնութիւն յայտնեց, եւ երդմամբ ու աւետարանի կնքով իր յայտարարութիւնը հաստատեց: Այս միջոցին արդէն Վարդան Ծաղկոտն գաւառէ Արարատ նահանգի կեդրոնը եկած էր, երբ Աղուաններէն գոյժ եկաւ թէ իրենց վրայ զօրաւոր պարսիկ գունդ մը եկած է Ճորայ բանակէն Միհրներսէհի հրամանով, եւ թէ պետք ունին Հայոց օգնութեան: Վասակ յորդորեց Վարդանը Աղուանից օգնութեան փութալ, իր վրայ առնելով Հայաստանի պաշտպանութիւնը: Վարդան չմերժեց առաջարկը, միայն թէ պահանջեց որ առաջ Յոյներէ օգնութիւն խնդրելու պաշտօնագիրները գրուին եւ նոր պատգամաւորները ղրկուին: Վասակ պարտաւորուեցաւ պայմանը լրացնել, եւ Յոյներուն երթալիք գիրերը ինքն ալ կնքեց իւրով մատանեաւ, բոլոր նախարարներուն գլուխը: Այդ գիրերը ուղղուած էին, Աղձնիք, Անգեղտուն, Ծոփք, Հաշտեանք եւ Եկեղեաց գաւառներուն յոյն կառավարիչներուն ու այն կողմի Հայ նախարարներուն, եւ Անտիոքի յոյն սպարապետին: Նոր գիր մըն ալ ուղղուեցաւ նոր կայսեր Մարկիանոսի, որ Թէոդոսի յաջորդած էր, եւ այս առթիւ նոր եւ զօրաւոր պատգամաւորութիւն մըն ալ կազմուեցաւ, եւ այդ պաշտօնին ընտրուեցան Վահան Ամատունի, Հմայեակ Մամիկոնեան ու Մեհրուժան Արծրունի (ՓԱՐ. 63): Մինչեւ այս ատեն պէտք է Ատոմ Գնունի Բիւզանդիոնէ դարձած ըլլայ` Թէոդոս կայսեր մահը ծանուցանելով, եւ նոր դիմումի պէտքը զգացնելով: Ժամանակագրական կարգով վերջին եղելութիւնները պէտք է դնել 450 տարւոյ աշունին մօտ, Սեպտեմբեր ամիսը:

251. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Վասակ իր միտքով իրեն նպաստաւոր քաղաքականութիւն մը բանեցուցած էր: Վարդանը Աղուանից երկիրը ղրկելով Հայաստանէ հեռացուցած կ՚ըլար, եւ ընդդիմութիւնը տկարացուցած, Վարդանը յայտնի վտանգի ենթարկած, որով Հայոց խնդիրը ամբողջաբար իր տրամադրութեան ներքեւ կը մնար: Ըստ այսմ ալ փութաց տեղեկութիւն տալ մէկ կողմէն Միհրներսէհի, եւ միւս կողմէն Աղուանից մարզպան Սեբուխտ Նիխորականի (ԵՂԻ. 57), եւ զօրավար Վեհշապուհի (ՓԱՐ. 64): Իսկ Վարդան ընդդիմութեան ձեռնարկին սկսած ըլլալուն վրայ ուրախանալով, եւ չափաւոր բանակ մը կազմելով` փութաց Աղուանից երկիրն երթալ: Իրեն հետ էին Խորէն Խորխոռունի, Արշաւիր Արշարունի, Թաթուլ Դիմաքսեան, Արտակ Պալունի, Գիւտ Վահեւունի, Հմայեակ Դիմաքսեան եւ ուրիշ նախարարներ իրենց գունդերով: Երկու բանակներ իրարու հանդիպեցան Կուր գետի աջակողմը` Խաղխաղ քաղաքի մօտերը: Վարդան իր սակաւաձեռն բանակը երեքի բաժնեց, աջ թեւը յանձնեց Արշաւիր Արշարունիի, որ է նոյնինքն իր փեսան Արշաւիր Կամսարականը, եւ անոր օգնական տուաւ Մուշ Դիմաքսեանը, ձախ թեւը յանձնեց Խորէն Խորխոռունիի` Հմայեակ Դիմաքսեանի հետ, ինքն մնաց կեդրոնը իր օգնականներով: Պարսիկ գունդը անհամեմատ շատուոր էր, բայց Հայերուն եռանդը աւելի շատ էր: Թէպէտ Արշաւիր եւ Մուշ ճահիճի մէջ ինկան եւ Մուշ սպանուեցաւ եւ Գազրիկ Աբեղեան վիրաւորուեցաւ, բայց Պարսիկները ընկրկեցան, եւ գետին մէջ թափուիլ սկսան, նաւերով փախչողներն ալ Արշաւիրի նետաձիգներէն կոտորուեցան: Գիշերը վրայ հասնելով Հայերը հանգիստ ըրին, եւ միւս առտուն Կուրը անցնելով նորէն Պարսիկները հալածեցին, եւ Հոնաց պահակին մօտենալով անոնց հետ բանակցութեան մտան, որ Պարսից դէմ իրենց օգնեն: Գործին շարունակութիւնը եւ տեղւոյն պաշտպանութիւնը Վահան Աղուանի յանձնելով, իրենք փութացին Հայաստան դառնալ, որովհետեւ շփոթ լուրեր սկսած էին հասնիլ Վարդանի ականջը: Աղուանից արշաւանքը լրացած էր յաւուրս երեսուն (ԵՂԻ. 61), եւ երբոր եկան ի գաւառն Արարատայ, դառնաշունչ օդոյ ձմերայնոյն օրերը սկսած էին (ՓԱՐ. 67), որ է ըսել թէ Նոյեմբեր ամսոյ երկրորդ կէսին դարձած էին, միշտ միեւնոյն 450 տարւոյ մէջ:

252. ՈՒԽՏԱՆԵՆԳՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԸ

Վասակ մարզպան Վարդանի մեկնելէն առաջ տեղի ունեցած համաձայնութեան համեմատ Հայաստանի կեդրոնական բանակին հրամանատարութիւնն ալ իր վրայ առած էր (ԵՂԻ. 57), եւ այսպէս կրկնակի իշխանութեամբ սկսած էր իր նպատակին համար աշխատիլ: Իբր թէ քրիստոնէութեան պաշտպան ըլլար, սուտ լուրեր կը տարածէր, թէ Արքայից արքայ զքրիստոնէութիւնն շնորհեաց աշխարհի, թէ մինչեւ հիմա եղած ընդդիմութեանց եւ մոգերու սպանութեանց ներում շնորհուած է, միայն թէ Հայեր հպատակութիւն յայտնեն եւ Վարդանի կազմակերպած ապստամբութենէն բաժնուին: Քանի մը քահանաներ ալ գտած էր, որ իր յայտարարութիւնները տարածեն, որոնց մէջէն յանուանէ կը յիշուին Զանգակ Սիւնի, Սահակ Ձայնող եւ Պետրոս Երկաթի (ՓԱՐ. 68): Վասակ աւելի մեծ յաջողութիւն ունեցաւ նախարարներուն վրայ, որոնցմէ բաւական կուսակիցներ գտաւ, ոմանց երկչոտութիւնը շահագործելով եւ ոմանց փառասիրութիւնն ու շահադիտութիւնը մշակելով: Վարդանի եւ ուխտապահներու կողմէն բաժնուելով` Վասակի եւ ուխտանենգներու կողմը անցնողներուն մէջ կը յիշուին գլխաւորապէս Տիրոց Բագրատունի, Գադիշոյ Խորխոռունի, Մանէճ Ապահունի, Գիւտ Վահեւունի, Վարազշապուհ Պալունի, Արտէն Գաբեղեան, Ներսէհ Ուրծացի, (ՓԱՐ. 67), Արտակ Ռշտունի, Ընջուզ Ակէացի, Մանէն Ամատունի, (ԵՂԻ. 71), եւ այլք յոստանկաց եւ սեպուհք ոմանք յիւրաքանչիւր տոհմէ (ՓԱՐ. 67): Ասոնցմէ Գադիշոյ եւ Մանէճ եւ Արտակ` Պարսկաստան գացող կեղծուրացներէն էին, իսկ Գիւտ` Աղուանից արշաւանքին ալ մասնակցած էր: Ընդհանուր կերպով կը նկատուի, որ միեւնոյն ազգատոհմի մէջ երկու կողմերուն հետեւողներ կը գտնուին հաւասարապէս, ինչ որ նախարարական տուներու մէջ տիրող ընտանեկան երկպառակութիւնները կը հաստատէ, հարկաւ իրարու հակառակ մրցմամբ ազգատոհմին տանուտէրութիւնը ձեռք ձգելու համար: Վասակ ուրիշ միջոց մըն ալ գործածեց: Մամիկոնեաններէն, Կամսարականներէն եւ ուխտապահներէն նախարարազուն պատանիներ եւ տղաներ վարպետ կերպով Սիւնեաց նահանգը հաւաքեց, որ յետոյ ամէնքը մէկտեղ իրբեւ պատանդներ տայ առաքել զտղայսն առ թագաւորն Պարսից (ՓԱՐ. 67): Վասակ այս բաները ըրած ատեն, Պարսից համար ալ մեծ հոգածութիւն չունէր, որովհետեւ պետական ռոճիկները խարդախելով, Պարսիկ գունդերը ձմերոցի համար բոլոր երկրին մէջ կը ցրուէր, ինքն ալ իր Սիւնեաց երկիրը կը քաշուէր, մինչ երկրին մէջ խեղճութիւնն ու նեղութիւնը երթալով կը տարածուէին:

253. ՀԱՇՏԱՐԱՐ ՁԵՒԵՐ

Վարդան Աղուանից արշաւանքէն դառնալով, կացութիւնը մեծապէս խանգարուած գտաւ, ձմեռը սաստկութեամբ կոխուած էր, որեւէ ձեռնարկ այլեւս անհնար էր, ուստի պէտք էր միայն գարնան սպասելով նախապատրաստութիւններ ընել: Յովսէփ կաթողիկոս եւ բոլոր եպիսկոպոսներ եւ գլխաւոր երէցներ, որ շարժումին հոգին էին, աստուածային օգնութիւն մաղթելու եւ ժողովուրդը քաջալերելու համար հրաման ըրին ամէն կողմ զողջոյն ամիսն քաղոց պահօք եւ աղօթիւք առնել խնդրուածս առ Աստուած: Այն տարի քաղոց ամիսը Դեկտեմբեր 4-էն սկսելով 451 Յունուար 2-ին պիտի վերջանար, Աստուածայայտնութեան տօնէն քիչ օր առաջ: Այդ զուգադիպութիւնն ալ նշանակուած է պատմագիրէն, որ կը դիտէ թէ բարեպաշտութեամբ սպասածնին, զտօն պատերազմական յաղթութեան, պիտի կարենային խառնել ի սուրբ տօն յայտնութեան Քրիստոսի (ԵՂԻ. 62): Կաթողիկոսն եւ եպիսկոպոսներ միեւնոյն հրահանգը Յունաց բաժնին ղրկեցին, որպէսզի գոնէ աղօթքով իրենց օգնեն, որովհետեւ Բիւզանդիոնէ սպասուած օգնութենէն յաջող լուրեր չէին գար: Մարկիանոս նոր կայսրը, Անատոլիոս սպարապետին եւ Եփլալիոս կամ Փլարենտիոս պալատականին խորհուրդներուն անսալով, վտանգաւոր տեսաւ Հայերուն օգնելով Պարսից հետ 423ի հաշտութեան պայմանները եղծել, եւ լաւ համարեցաւ պահել զուխտն հեթանոսաց, քան պատերազմակից լինել ուխտին քրիստոնէութեան, եւ նոյնինքն Փլորենտիոս Ասորին Տիզբոն ղրկեց, Յազկերտը վստահացնելու թէ ինքն Հայերուն պիտի չօգնէ (ԵՂԻ. 56): Որչափ ալ Վարդան իր կողմին տկարանալը կը տեսնէր, սակայն մինչեւ վերջին շունչը դիմադրութիւնը շարունակելու համար, բոլոր ձմեռ պատերազմական պատրաստութիւնները շարունակեց, թէ լաւ զինուելու եւ թէ նիզակակիցներ շատցնելու համար: Այս կերպով իր ընդհանուր սպարապետի պաշտօնը կը կատարէր, եւ իբր շարժուն բանակի հրամանատար, համարձակ կը գործեր, եւ մարզպանը չէր կրնար անոր պատրաստութիւնները խափանել: Վարդան միեւնոյն ատեն դիւանագէտ միջոցներն ալ զանց չէր ըներ: Հայերուն ձեռք գերի ինկած Պարսիկներէն նշանաւոր եւ քիչ շատ վստահելի մէկը ազատելով, եւ նախարարական գումարման առջեւ հանելով, անոր մանրամասնօրէն իմացուց, թէ այդ կրօնական ձեռնարկը որչափ վնասներ պիտի հասցնէ պետական գանձին եւ պարսկական կառավարութեան, եւ թէ ինչպէս Վասակ սխալ հասկցուցած է գործը: Պարսիկը, որ անձամբ ալ եղելութիւններուն գիտակ էր, Յազկերտի ներկայանալով տեղնիտեղօք եղելութիւնները իմացուց. եւ նոյն ատեն Հայաստանէ հասնող լուրերն ալ անոր ըսածները հաստատեցին: Յազկերտ ցնցուեցաւ, եւ սկսաւ զինքը խաբողները մեղադրել (ԵՂԻ. 63): Արքունի խորհրդականներ ալ գտնուեցան, որոնք բռնութիւն չընելու կողմը խօսեցան, այնպէս որ պահ մը հրաման տուաւ որ իր բանակին մէջ քրիստոնեաներուն չարգիլուի իրենց կրօնքը պաշտել, եւ քահանաներուն թող տրուի իրենց պաշտօնը կատարել (ԵՂԻ. 66): Ասոնց ամենուն արձագանգը Հայաստան ալ հասաւ, եւ որովհետեւ Զատկի տօնը մօտիկցած էր, պահ մը կարծեցին թէ խառնուրդք խաղաղութեան եղեն ընդ միմիանս աւետաւոր յարութեամբ Կենարարին, եւ Զատկի օրերը տօնեալ ուրախութեամբ զուարճանային: Նոյնիսկ նախարարները այնչափ վստահութիւն ստացած էին, որ յաղագս տօնի աւուրցն երթեալք էին ի տունս իւրեանց, կատարել զտօնն զատկի առ ընտանիս իւրեանց (ՓԱՐ. 68): Սոյն 451 տարւոյ Զատիկը կը հանդիպէր Ապրիլ 8-ին, կամ հայկական ամսաթուով ահեկանի 6-ին, ճիշդ գարնանային եղանակին նոր բացուելուն օրերը:

254. ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՁԱՅՆԵՐ

Բայց խաբէական եղան այդ ակնկալութիւնները: Վասակ չէր դադարած իր ուզած կերպով լուրեր հասցնել Յազկերտի եւ Միհրներսէհի, իր յաջողութիւնները աւետելով եւ կատարեալ յաջողութիւն խոստանալով: Միհրներսէհ ալ, կրօնամոլ քաղաքականութեան ամենիշխան պաշտպան մը, կատարելապէս տիրացած էր Յազկերտի կամքին, ուստի ինքն վրան առաւ անձամբ երթալ եւ բուռն զօրութեամբ գործը վերջացնել: Վասակ մարզպան Յունաց կողմին վրայ ալ ազդեցութիւն գործելու համար, Յունական Հայաստանի սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանի հետ յարաբերութիւն հաստատեց, եւ գործերը գեղեցիկ գոյներով ներկայեց անոր, ինքզինքն ալ իբր քրիստոնէութեան պաշտպան ցուցնելով: Բաց աստի յաջողեցաւ Վրացիներուն ու Աղուաններուն ալ Հայոց հետ միաբանութիւնը քակտել սուտակասպաս քսութիւններով, Հոնաց կողմէն գալիք օգնութիւնն ալ խափանելու համար Ճորայ բանակը զօրացնելու խորհուրդը թելադրեց Միհրներսէհի, երբոր սա մինչեւ Փայտակարան եկած էր պէտք եղած կարգադրութիւններն ընելու (ԵՂԻ. 72-73): Միեւնոյն ժամանակ Մարկիանոսէ ղրկուած դեսպանութիւնն ալ կը հասնէր, եւ Պարսիկներ վստահ կ՚ըլլային թէ Հայեր Յոյներէ օգնութիւն պիտի չունենան (ԵՂԻ. 66): Այսպէս Միհրներսէհ ուխտապահ Հայերուն ամէն օգնութենէ զրկուած ըլլալուն համոզմամբ, հրաման ըրաւ որ զօրաւոր բանակ մը Պարսկաստանէն յառաջէ, Վասակի ալ յանձնարարեց իր ուխտանենգ նախարարներուն գունդերը հաւաքել եւ ամփոփել, եւ Մուշկան Նիւսալաւուրտ զօրավարը պատերազմին հրամանատար կարգելով, ինքն նորէն Տիզբոն դարձաւ: Հոգ տարած էր ուխտապահներուն հաւանական թիւն ալ իմանալ, որպէսզի երիս ընդ միոյ հաշուով բանակ մը պատրաստէ (ԵՂԻ. 74): Մինչ այս մինչ այն, լուր կը հասնէր. եթէ զօր եհաս բազում ի Հեր եւ Զարեւանդ գաւառ (ՓԱՐ. 68), ուր կը գտնուէր Պարսից բանակը, Վարդան շտապով պատշաճ հրամանները հասցուց իրեն նիզակակիցներուն որ իրենց գունդերով իջնեն Արտազու դաշտը, գալիք բանակին յառաջացումը արգիլելու: Ինքն յառաջեց, եւ իրեն ետեւէն հետզհետէ կը հասնէին եւ կը խմբուէին Ներշապուհ Արծրունի, Խորէն Խորխոռունի, Արտակ Պալունի, Վահան Ամատունի, Թաթուլ Դիմաքսեան, Արշաւիր Արշարունի, Շմաւոն Անձեւացի, Տաճատ Գնթունի, Ատոմ Գնունի, Խոսրով Գաբեղեան, Կարէն Սահառունի, Հմայեակ Դիմաքսեան, Գազրիկ Դիմաքսեան, Ներսէհ Քաջբերունի, Փարսման Մանդակունի, Արսէն Ընծայենի, Այրուկ Ալկունի, Վրէն Տաշրացի, Ապրսամ Արծրունի, Խուրս Սրուանձտեան եւ Շահ ախոռապետ: Ասոնցմէ զատ եկած էին նաեւ Վահեւունեաց, Ռշտունեաց, Տրպատունեաց, Քողեանց եւ Ակէացւոց գունդերը, որոց գլխաւորներուն անունները յիշուած չեն: Առանձար Ամատունին 300 հեծեալներով առջեւէն գացած էր թշնամիին ընթացքը լրտեսելու: Ուխտապահներու բանակը հաւաքուեցաւ Արտազու դաշտը, որ է հինէն Շաւարշան կոչուածը, այլ աւելի սովորական դարձած է Աւարայր անունը, որ նոյն դաշտին գիւղերէն է, եւ որուն մօտ խռնեցաւ ճակատամարտը: Այժմեան Մակուի դաշտն է այն, որուն մէջէն կ՚անցնի Տղմուտ գետը (48): Երբոր ամէնքը հաւաքուեցան, լինէր հանդէս համարուն վաթսուն եւ վեց հազար այր (ԵՂԻ. 77): Յառաջ բերուած անուններուն մէջէն Վահան Ամատունիի անունը, թերեւս իրեն գունդին համար յիշուած է, եթէ նախկին հազարապետին համանուն մը չէ, որովհետեւ սա Բիւզանդիոնի պատգամաւորութենէն դարձած չէր 250), ինչպէս եւ իր ընկերը Հմայեակ Մամիկոնեան (ՓԱՐ. 74): Իսկ պատերազմին առթիւ յիշուած են եւս Արտակ Մոկացի, Միհրշապուհ Մարդպետական, Փափագ Առաւեղեան եւ Համազասպեան Մամիկոնեան, իսկ նահատակելոց կարգին յիշուած են Վահան Գնունի եւ Գարեգին Սրուանձտեան:

255. ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ

Ուխտապահ բանակին վերջնական կազմութիւնը լրացաւ ի յաւուր ուրբաթու մեծի տօնին Պենտեկոստէին (ՓԱՐ. 69): Նորեր այդ բացատրութիւնը իմացան իբրեւ Հոգեգալստեան եօթնեկին մէջ, Պենտեկոստէի Կիրակիին յաջորդող Ուրբաթը, առանց մտադրութիւն դարձնելու, որ Հոգեգալուստը Շաբաթ մը տօնելը, Շնորհալիէն սկսաւ ԺԲ. դարու մէջ (ՏՕՆ. 144), իսկ Ե. դարուն` այդ եօթնակը պարզապէս ամարան աղուհացից պահքն էր, եւ այնպէս ալ կը կոչուէր (ՈՒՌ. 372, ՎԱՐ. 114): Ուստի Պենտեկոստէի Ուրբաթ ըսուածը, տօնին նախընթաց Ուրբաթն էր, որ հին սովորութեամբ ուտիք ալ էր, եւ անոր համար նոյն օրը գունդերն ալ զուարճանային չափաւոր ուրախութեամբ կերակրովքն (ՓԱՐ. 70), ինչ որ պիտի չկրնային ընել պահք օր մը: Պենտեկոստէին նախընթաց Ուրբաթին ուտիք լինելն ալ հնաւանդ էր, որովհետեւ ի հնումն բոլոր Յինունքին մէջ 50 օր շարունակ պահքը կը լռէր, եւ Շնորհալին եղաւ որ Համբարձումէ ետքի Չորեքշաբթին եւ Ուրբաթները պահքի փոխեց (ՄՇՏ. 67): Տոմարական հաշիւները ընելով կը գտնենք, թէ 451 տարին Մայիս 25-ին կը հանդիպէր յիշեալ Ուրբաթը, որուն յաջորդ օրը, Յինանց վերջին Շաբաթ օրը, Հոգեգալստեան նախատօնակին, Մայիս 26-ին, տեղի ունեցաւ Աւարայրի ճակատամարտը, եւ ոչ թէ եօթնեակ մը ետքը, Յունիս 2-ին, ինչպէս սովորութիւն ըրած են յիշել վերջին գրողները, պարզ թիւրիմացութեան հետեւանօք: Երբոր Ուրբաթ օր ուխտապահներու բանակը Արտազի մէջ հաւաքուեցաւ, Պարսից բանակն ալ Հեր եւ Զարեւանդէն յառաջելով նոյն տեղ հասած էր, եւ անպատրաստագոյն վիճակ մը ունէր, այնպէս որ Փարպեցիին տեսութեամբ, Հայեր թէ կամեցեալ էին, կարող էին մասնաւորապէս վնասել երամակարձակ ծուլացելոցն (ՓԱՐ. 69): Սակայն պէտք չէ նկատողութենէ վրիպեցնել, որ Հայերն ալ անպատրաստ էին, իրենց ճակատը չէին կազմած, եւ իրենց հոգեւոր նախապատրաստութիւններն ալ չէին կատարած, որուն ուխտապահները մեծ կարեւորութիւն կու տային, որովհետեւ ոչ այնչափ կը դիտէին յաղթել, որչափ տենչալի մարտիրոսութեանն փութային հասանել (ՓԱՐ. 69): Արդէն ալ երբոր երկու բանակներ իրարու մօտեցան, սահմանն ընթացից տուընջեանն կատարէր (ՓԱՐ. 69) եւ վերահաս երեկոյին պատերազմի սկսիլ անյարմար էր: Երեկոյին պաշտաման կանոնը կատարելէն եւ չափաւոր ուրախութեան կերակուրով զուարճանալէ ետքը, բոլոր գիշերը հսկմամբ կ՚անցընեն աղօթքներով եւ քարոզներով, զորս կը խօսէին գլխաւորապէս Ղեւոնդ երէց Վանանդեցին (ԵՂԻ. 82-88), եւ Յովսէփ կաթողիկոս Հողոցմեցին (ՓԱՐ. 71), եւ միւս եկեղեցականներ որք բանակին հետ էին, զի ամէն գունդ իր երէցներն ալ ունէր: Փարպեցին, եւ մանաւանդ Եղիշէ, ընդարձակօրէն յառաջ կը բերեն խօսուած քաջալերականները: Վարդան ալ իր կողմէն պէտք զգաց իր զինուորական ոճով քաջալերականը լսեցնել իրեններուն (ԵՂԻ. 77-81): Միւս կողմէն Վասակ ի հնարս հայթայթռնաց մտանէր, ըստ առաջին կեղծաւորութեան իւրոյ, եւ իրեն հետեւող երէցներուն ձեռքով ուխտապահներուն մէջ կը սողոսկէր եւ կը յորդորէր Վարդանէ բաժնուիլ, եւ կը խոստանար ալ քրիստոնէութեան ազատութիւնը ընդունիլ թագաւորէն. բայց իրեն անսացողներ չգտաւ (ԵՂԻ. 82): Առաւօտուն դէմ նորէն պաշտաման աղօթքներ կատարուեցան, պատարագներ մատուցուեցան եւ բոլոր բանակը հաղորդուեցաւ ի պատուական խորհրդոյն մարմնոյ եւ արեան (ՓԱՐ. 71), զի երախայ եղողներն ալ զգիշերն ամենայն մկրտեցին (ԵՂԻ. 88):

256. ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Մայիս 26, Շաբաթ օրը լուսնալու վրայ էր, մերձեալ էր ժամ ելից արեգական, երբ Հայեր տեսան որ Պարսիկներ շարժման վրայ են (ՓԱՐ. 71), որովհետեւ Վասակի պատգամաւորներուն անյաջողութիւնը յայտնուեցաւ եւ բարձաւ յոյս ակնկալութեան նոցա ցրուել զՀայս յանքակ միաբանութենէն: Անմիջապէս Վարդան ալ իր բանակը կարգի դրաւ, որուն մասին հարկաւ նախապատրաստական որոշումներ եղած էին: Փարպեցիին եւ Եղիշէի տուած բաշխումները քիչ մը իրարմէ կը տարբերին, այլ աւելի բնական ու գործնական կ՚երեւի Փարպեցիի տուածը: Բոլոր բանակը երեք թեւի բաժնուեցաւ, չորրորդ վերջապահով մը: Միջին թեւին հրամանատար նշանակուեցաւ Ներշապուհ Արծրունի, եւ իրեն օգնականներ Միհրշապուհ Մարդպետական, Արշաւիր Արշարունի եւ Արտակ Մոկացի: Աջակողմեան թեւին հրամանատար Խորէն Խորխոռունի եւ օգնականներ Թաթուլ Դիմաքսեան եւ Ներսէհ Քաջբերունի. ձախակողմեան թեւին հրամանատար ինքն Վարդան Մամիկոնեան եւ իրեն օգնական Փափագ Առաւեղեան: Վերջապահին հրամանատարն էր Համազասպեան Մամիկոնեան, որուն հրաման տուաւ Վարդան մի ' զոք բռնադատել, այսինքն կենաց սպառնալեօք ճակատամարտէն փախուստը չարգելուլ, այլ յորդորել միայն բանիւք յաղագս իւրեանց փրկութեան (ՓԱՐ. 72), Վարդան ձախակողմը իրեն պահած էր, քանզի յայն կողմանէ առաւելապէս երեւէր զակիշ գնդին Սիւնի զօրուն եւ այլ զօրաւոր արանց (ՓԱՐ. 72), որով յայտնապէս կը նշանակուի Վասակի եւ իրեն համախոհներուն հայագունդը, որ այսպիսի նուիրական պարագային մէջ, չէր վարանած զինուիլ իր եղբայրները կոտորելու նպատակով: Մուշկան Նիւսալաւուրտ ալ իր ընտրելագոյն ոյժը, իր աջակողմը հաւաքած էր, Հայոց ձախակողմին դէմ: Դաշտին երկայնութեան տարածած էր նա իր ճակատը, իր բազմութեան վստահանալով, Հայերը ամէն կողմէ փակելու համար, փիղերն ալ անոնց ետեւէն շարած էր, եւ ինքն ալ միջավայրը կը մնար Մատեան գունդը շուրջը առնելով: Հայերը 66, 000 յիշեցինք արդէն, իսկ Պարսիկներ 200, 000 պէտք է ըլլան առնուազն, Միհրներսէհի նախահաշուին համեմատ 254): Ուխտանենգ Հայերուն թիւը տեղ մը ճշդուած չէ, բայց նկատի առնելով Վասակի հետեւող նախարարներուն թիւը, իրաւունք կ՚ունենանք 40, 000-է աւելի ենթադրել: Թիւերը անհաւասար էին, ուստի աւելի քան կանոնաւոր եւ զգուշաւոր ճակատամարտ մը, բուռն ու յախուռն յարձակման ձեւը առաւ Աւարայրի պատերազմը, ահագին շփոթ մը թողլով Պարսիկ գունդերուն մէջ: Տղմուտ գետն ալ, որուն եզերքը տեղի` կ՚ունենար պատերազմը, Պարսիկներուն արգելք եղաւ իրենց ազատ շարժումները կատարել, մինչ Հայեր խիզախօրէն ձի ի վերայ առեալ գետը անցան, Պարսից աջ թեւը շփոթեցին, եւ դէպի իրենց փիղերը մղեցին, որ անոնց ոտքին տակ կոխկռտուին: Պատերազմի դաշտին վրայ Հայոց կողմէն 287 մարդ եւ 9 զօրավար, իսկ Պարսից կողմէն 3544 մարդ եւ 9 զօրավար ինկած ըլլալը բաւական է ցուցնելու, թէ ինչ ուժգնութեամբ յարձակած են Հայերը, եւ ինչպէս շփոթած ու խառնակած են Պարսիկներուն գիծերը: Փարպեցին կ՚ակնարկէ առ այլ բազմութիւն զօրացն Հայոց, որք առ հարկի եւ ոչ կամաւ կը գտնուէին պատերազմի մէջ, եւ որք ի փախուստ դարձեալ կորնչէին զյաւիտենական կորուստն (ՓԱՐ. 72): Ասոնք ուխտապահներէն բաժնուող մաս մը չեն, որոնց ամէնքն ալ կրօնասէր եւ ազգասէր եռանդով եկած էին, այլ Պարսից կողմը եղող Վասակի հետեւողներն են: Այլ բազմութիւն բացատրութիւնն իսկ յայտնապէս կը ցուցնէ, թէ ուխտապահներու բանակէն տարբեր բազմութեան մը կ՚ակնարկէ պատմագիրը:

257. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԹԻՒԸ

Եղիշէ կը մանրամասնէ պատերազմի դաշտին վրայ ինկողներուն թիւը, իւրաքանչիւր նահատակուող զօրավարին անունովը, ըստ հետեւեալ օրինակի.

1. Վարդան Մամիկոնեան եւ 133 իրեններէն

2. Խորէն Խորխոռունի 19

3. Արտակ Պալունի 57

4. Տաճատ Գնթունի 9

5. Հմայեակ Դիմաքսեան եւ 22իրեններէն

6. Ներսէհ Քաջբերունի 7

7. Վահան Գնունի 3

8. Արսէն Ընծայենի 7

9. Գարեգին Սրուանձտեան 20

Ընդամէնը 9 զօրավար եւ 287 զօրական: Փարպեցին ալ միեւնոյն 9 զօրավարները կը յիշէ, իսկ իրենց մարդերը համագումար 276 կը դնէ, որ կ՚ընէ բովանդակ 285, փոխանակ 296-ի: Սակայն այսչափ չմնացին նահատակուողները, որովհետեւ Հայերը պարտաւորուեցան ցրուիլ եւ սփռուիլ, եւ Պարսիկներ հետապնդելով հալածեցին, եւ կամ ետեւնէն հասնելով կամ թաքստոցներէն հանելով, սրակոտոր ըրին կամ փիղերով կոխկրտեցին, ընդ ամէնը 740 հոգի եւս ըստ Եղիշէի, կամ 750 եւս ըստ Փարպեցւոյ, որով Վարդանանց նահատակաց համագումարը միայն մէկ թուով տարբերած կ՚ըլլայ երկու պատմագիրներու մէջ, 1036 կամ 1035: Սակայն 1036 թիւը տօնացոյցերու մէջ ալ անցած եւ նուիրագործուած է (ՏՕՆ. 34): Վերջին նահատակուողներուն համար ոչ նախարարներու անուն յիշուած է, եւ ոչ ալ ո՞ր ազգատոհմէն ըլլալնին ցուցուած, սակայն վերագոյնդ 254) երեսունէ աւելի ցեղեր եւ զօրավարներ յիշեցինք, եւ հաւանական չ՚երեւիր ըսել թէ միայն 9 ցեղերէն նահատակուողներ եղած ըլլան պատերազմի դաշտին վրայ, եւ միւսները բնաւ կորուստ տուան չըլլան: Հետեւապէս աւելի ճշդութեամբ խօսած կ՚ըլլանք` եթէ ըսենք, թէ առաջ յիշած 296 նահատակները անոնք են, որոնց անունը կամ թիւը ստուգուեցաւ, բայց թէ ասկէ աւելի եղան ճակատամարտին առթիւ` թէ նոյն եւ թէ ուրիշ ցեղերէ նահատակուողները, որոնք յետոյ ընդհանուր գումարին մէջ խառնուեցան: Դիտողութիւն մըն ալ պիտի ընենք Ներսէհ Քաջբերունիի համար, որուն անունը, չենք գիտեր ինչու, վրիպած է Շնորհալիին ուշադրութենէն, երբոր միւս ութը զօրավարներուն անունները յիշած է իր շարականին մէջ (ՇԱՐ. 572): Նա 1036 վկաները զօրավարներէն դուրս համրած կ՚երեւի, վասնզի կը գրէ, Րամկական խումբ հազարաց եւ երեսնից թիւ ընդ վեցից, որք ընդ նոսին նահատակեալք (ՇԱՐ. 574), մինչ պատմագիրներ 9 զօրավարները 1036 թիւին մէջ կը փակեն, ինչպէս տեսանք:

258. ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏՔԸ

Մուշկան Նիւսալաւուրտ զօրագլուխ եւ Վասակ Սիւնի մարզպան, իբրեւ յաղթական նկատուեցան, վասնզի Հայոց հրամանատարը սպաննուեցաւ, եւ ոչ ոք գայր այնուհետեւ ի մէջ գլխաւորացն, յոր յեցեալ ժողովէին գունդն մնացելոցն (ԵՂԻ. 92): Ցիրուցան բանակը չկրցաւ այլեւս կանոնաւոր ընդդիմութիւն ընել, թէպէտեւ 66 հազարէն հազարի մը կորուստը, բոլորովին ուժաթափ եղած ըսել չէր: Հալածականներէն շատեր ամուր տեղեր ապաւինած էին, եւ Պարսիկ բանակը գլխաւորապէս անոնց դէմ սկսաւ գործել, դիմադրութիւնը ջլատելու համար: Վասակ գործակից էր անոնց, եւ ներումի ու կրօնական ազատութեան խոստումներով անձնատուր ըլլալու կը յորդորէր, սակայն այլեւս Վասակի վրայ վստահութիւնը դադրած էր (ԵՂԻ. 94): Զանազան դիպուածներու մէջէն կը յիշուի, նոյնիսկ Արտազու բերդերէն մէկուն մէջ, թերեւս Անգղի մէջ, ապաւինողներուն պարագան: Յովսէփ կաթողիկոս եւ Ղեւոնդ երէց, այնտեղ ապաստանած էին` հազար մը զինուորականներու հետ, Բակ զօրավար մը հրամանատարութիւնը ստանձնած էր: Երբոր բերդը պաշարուեցաւ, եւ մէջինները անձնատուր ըլլալու հրաւիրուեցան, կարծիքները տարբերեցան: Բակ դիմադրողներէն էր, եւ 700 հոգի իրեն միացան, գիշերանց դուրս ելան, պաշարողները ճեղքեցին ու անցան: Մնացեալներէն 213 զինուորականներ, եւ Յովսէփ ու Ղեւոնդ եկեղեցական բազում ընկերակցօք անձնատուր եղան, երբոր այլեւս ոչ ունէին համբար ի ներքս: Սակայն զինուորականները իսկոյն սրակոտոր եղան, եւ ասոնք պէտք է ըլլան երկերիւր մարտիրոսները, որոնց յատուկ յիշատակը կայ Յայսմաւուրքի մէջ (ՅԱՍ. Բ. 66): Եկեղեցականներ թոյլ տրուեցան, յուսալով որ ժողովուրդը համակերպելու կը յորդորեն, իսկ Յովսէփ եւ Ղեւոնդ խօսիլ սկսան, ինքզինքնին ապստամբութեան ամբաստանութենէն պաշտպանեցին, եւ Վասակը մեղապարտ ցուցնելով, բողոքեցին ու դատաստան ուզեցին. ուստի Մուշկան հրամայեց երկուքն ալ պահել զգուշութեամբ, նախապէս գան հարեալ, սիրտին զայրոյթը գոհացնելու համար(ԵՂԻ. 96): Կապոյտ լերան բերդին մէջ ալ ամրացողներ կային, որք պաշարողները կը նեղէին, անոր համար այստեղ ալ Վասակ խոստումներու դիմեց, եւ երբ Արշէն երէցի գլխաւորութեամբ պատգամաւորութիւն մը բանակցելու համար դուրս ելաւ, քահանան ու ընկերները հրամայեց շղթայի զարնել (ԵՂԻ. 98): Նոյն կերպերով ձերբակալուեցան եւս Արտաշատու եկեղեցականներէն` Սամուէլ քահանայ եւ Աբրահամ սարկաւագ, որոնք քանդած էին Արտաշատի ատրուշանը (ԵՂԻ. 101): Բասենի Թաթիկ եպիսկոպոսն ալ կալանաւորուեցան, եւ իբրեւ սաստիկ վնասակար անձ մը, անմիջապէս Վասակի խորհրդով Խուժաստան աքսորուեցաւ (ՓԱՐ. 75): Այդպէս Մուշկան ու Վասակ իրենց յաղթութեան հետեւանքները կ՚ընդարձակէին, երբ միւս կողմէն եղելութեանց լուրերը Յազկերտի կը հասնէին, որ գոհ չէր մնար, որովհետեւ առանց կրօնական նպատակը իրականացնելու, երկրին նիւթական վիճակը խանգարուած, թագաւորութեան մի լաւ մասը քանդուած, եւ արքունական գանձն ալ վնասուած էր: Յազկերտ վերջապէս զգաց, որ իրենց անձնական շահերուն նպատակով զինքն այլ ընդ այլոյ գործերու մղողներ կան: Այդ միտքով ուզեց գործին նոր ուղղութիւն մը տալ, Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամայեց Հայաստանէն ելնել եւ Հոնաց դէմ երթալ, Վասակը մարզպանութենէ հեռացուց պատուաւոր կերպով Տիզբոն հրաւիրելով, եւ Ատրորմիզդ Արշական անուն Պարսիկ զօրավար մը, որ գործակից էր եղած զօրավարին ի նմին պատերազմի, Հայաստանի մարզպան եւ սպարապետ անուանեց, վստահանալով անոր խոհականութեան վրայ (ԵՂԻ. 100):

259. ԵՂԵԼՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Եկեղեցական պատմութեան մը ներածէն աւելի ընդարձակուեցանք Աւարայրի պատերազմին մանրամասնութեանց վրայ, որովհետեւ եղելութիւնը քաղաքականէն աւելի կրօնական կերպարան ունէր, եւ ուղղակի եկեղեցական գործունէութեան ձեւ էր առած: Որչափ ալ Վարդան էր շարժման հոգին, սակայն անոր կազմակերպողներն ու վարողները եկեղեցականներ էին, եւ Յովսէփ կաթողիկոս առաջին դերն ունէր ամէն պարագայից մէջ, իրեն գլխաւոր խորհրդական ունենալով Ղեւոնդ երէցը, զոր պիտի չվարանինք գործին առաջնորդն ալ անուանել, նկատելով որ ազգն ալ եկեղեցին ալ, Ղեւոնդ երէցին անունով պատուած է այդ ազգասէր եկեղեցականներուն խումբը, որուն մէջ կաթողիկոս մըն ալ կար, եպիսկոպոսներ ալ կային: Եկեղեցին այն օրէն սկսելով, հաւատոյ մարտիրոսներուն շարքը դասեց Աւարայրի 1036 նահատակները, եւ այն յիշատակը, որ Վրթանէս հայրապետի կարգադրութեամբ սկսած էր կատարուիլ 94) ի պատիւ ազգային նահատակներու, որք եկեղեցւոյ եւ ազգին պաշտպանութեան համար` անձնազոհ եռանդով կեանքերնին նուիրած էին, այլեւս սեփականուեցաւ նոյն սկզբունքին գերագոյն ախոյեաններուն, եւ Վաչէեանց ու Վասակեանց, Մուշեղեանց ու Մանուէլեանց անունները ընկղմեցան Վարդանանց փառաւոր անունին մէջ: Սկիզբէն այդ եղած է ազգին համոզումը, հիմա ալ նոյն համոզումը տակաւին անեղծ կը մնայ ամէն Հայ սիրտերու մէջ, եւ ամենուն զգացումները կը թրթռան Վարդանանց անունին: Սակայն եղան ոմանք, որ սխալ եւ կրօնամոլ քաղաքականութեան մը արդիւնք համարեցին Աւարայրի նահատակութիւնը, եւ աւելի ուղիղ ու ազատախոհ քաղաքականութիւն մը ուզեցին տեսնել Վասակի ընթացքին մէջ, որ ազգին ապագան լաւագոյն կը նկատէր Պարսից հովանաւորութեան ներքեւ, քան ուխտապահներուն նախընտրած կերպին մէջ, որ պարզապէս յունասէր եւ յունամոլ ուղղութեան արդիւնք կը կարծուի: Առանց ուզելու մանրակրկիտ վէճերու մէջ մտնել, զորս մեր գործին պայմանները չեն ներեր, կը կանխենք յայտնել, թէ մենք ալ յունասէր քաղաքականութեան պաշտպան պիտի չկանգնինք, այլ որպէսզի Վասակ կարենար իր ընթացքին մէջ արդարանալ, պէտք էր որ իր ազդեցութիւնը ցուցնէր կրօնական խնդիրը քաղաքականէն զատելով, եւ կրօնական ազատութիւնը իսկապէս ապահովէր, եւ ոչ թէ քաջալերող ըլլար կրօնական բռնութիւններու եւ գործակից հանդիսանար խարդախ յայտարարութիւններու: Պէտք չէր նաեւ որ սուտակասպաս կեղծաւորութեամբ մասնակցէր այն ամէն դիմումներու, զորս ուխտապահները խորհեցան ընել դէպի Բիւզանդիոն, եւ ոչ ալ իրենները խաբէր սուտ երդումներով, Պարսիկներն ալ գրգռէր կեղծաւոր գործակցութեամբ:

260. ՎԱՍԱԿԻ ԴԻՏՈՒՄԸ

Անկեղծ ու համարձակ պարսկասէր քաղաքականութիւն մը, Վասակի համար գովեստի եւ արդիւնքի փաստ մը եղած կ՚ըլլար, եթէ կրօնական ազատութեան մէջ ցուցնէր Պարսիկ արքունեաց օգուտը: Ինչպէ՞ս արդարացնել Վասակը, երբոր նոյնիսկ մոգպետին այդ կէտին վրայ համոզուած ըլլալը տեսնելով, եւ այդ ուղղութիւնը պաշտպանելն ալ լսելով, ինքն հակառակը յայտնելու եւ հակառակը գործելու պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ 247): Վասակ իրաւամբ կը մեղադրուի, որովհետեւ որեւէ քաղաքական տեսակէտէ օտար, անձնական շահու եւ փառամոլ դիտումի միայն ծառայեց, սուտ խոստումը եւ սուտ երդումը իբր միջոց գործածեց, իրեններուն դէմ անիրաւելու եւ բռնանալու խիղճ չըրաւ, եւ ոչ ալ Պարսիկ արքունեաց շահերը պաշտպանեց, որուն իբր թէ հաւատարիմ պիտի մնար, Վասակ ազգին խիղճին առջեւ դատապարտուելէ ետքը, թագաւորական ատեանին առջեւ ալ պատժապարտ գտնուեցաւ: Եթէ Յազկերտ ինքնին եւ ուղղակի կրօնական բռնութեան նպատակ ալ չունենար, մոգպետներ եւ Միհրներսէհ եւ Վասակ միաբանեցան այդ համոզումը ներշնչել Յազկերտի, եւ տէրութեան ապագան կրօնական ձուլման մէջ ցուցնել, ուխտապահ Հայեր, որ այդ ուղղութեան դէմ մաքառեցան, կրօնի պահպանութեամբ ազգին ձուլումն ալ արգիլեցին: Պատմութիւնը կը ցուցնէ, թէ ինչպէս կրօնապէս միացածներ, ազգութիւննին ալ կորսնցուցին, ինչ որ գերագոյն վնասն եղած է Հայութեան համար: Մարկիանոսի ստոր ընթացքը կը հաւաստէ, թէ յունասէր քաղաքականութիւնը չէր որ Հայը պիտի փրկէր, ինչպէս Վահան Մամիկոնեանի ընթացքն ալ, զոր իր կարգին պիտի տեսնենք, կը ցուցնէ թէ պարսկասէր քաղաքականութեամբ ալ հնար էր ազգին յաջող դիրք մը պատրաստել: Ամէն իրողութիւն իր համընթաց պարագաներուն մէջ պէտք է քննել, եւ իրական հանգամանքներուն ներքեւ դատել: Արդ 451 տարւոյ եղելութիւնները կրօնական ձուլման մէջ ազգին ոչնչութեան վտանգը կը սպառնային, Վասակ այդ վտանգին հանդէպ անտարբեր` իր անձնական շահը կը դիտէր, Վարդան այդ սպառնալիքին հանդէպ արթուն` իր կեանքն ալ զոհեց, բայց իր կեանքին զոհողութեամբ վտանգը հեռացուց:

261. ԱՏՐՈՐՄԻԶԴ ՄԱՐԶՊԱՆ

Վարդան եւ իրենները պատերազմի դաշտին մէջ յաղթուած էին, այլ գործերուն ընթացքին վրայ յաղթութիւնը տարին, որովհետեւ պարսիկ արքունիքին բռնած ուղղութիւնը փոխուեցաւ: Ատրորմիզդի տրուած հրահանգն էր, զմարդիկն Հայոց չընդոստուցանել, այլ սիրով նուաճել, եւ զպաշտօն քրիստոնէութեան համարձակապէս ունել ամենեցուն (ՓԱՐ. 73): Ատրորմիզդ այդ հրամանը ընդունելով երկիրը խաղաղեցնելու նպատակին սկսաւ ծառայել, հանրութեան վստահութիւն կ՚ուզէր ազդել, թեթեւ կերպով յանցաւոր սեպուածները նկատողութեան չէր առներ, եկեղեցիներուն բացումը եւ պաշտամանց կատարումը կը դիւրացնէր, բայց միւս կողմէն կ՚աշխատէր հեռացնել այն անհատականութիւնները` որք դիմադրութեան գործին մէջ գործօն դեր ստանձնած էին, եւ որոնց գաղափարներուն փոփոխուելուն հնար չէր շատ վստահութիւն ունենալ: Այդ կարգէն էին այն եկեղեցականները, որք դիմադրութեան առաջնորդներն եղած էին, եւ ատրուշաններու կործանման եւ մոգերուն կոտորածին գլուխ եղած էին: Նկատի կ՚առնուէին նաեւ այն նախարարները, որք զէն ի ձեռին պատերազմի մտած եւ Պարսիկ գունդերուն դէմ կռուած եւ վնասներ հասուցած էին: Ինչպէս նաեւ անոնք ալ, որ ամուր տեղեր քաշուած, եւ գլուխնին խումբ մը հաւաքած զինեալ դիմադրութիւնը շարունակել կը ջանային: Այդ վերջիններէն երկու խումբեր աւելի նկատողութեան արժանի եղան: Մէկը կը գտնուէր Տայոց նահանգի եւ Խաղտեաց սահմանակցութեան մէջ Պարխար լեռներուն վրայ, Հմայեակ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, որ Բիւզանդիոնէ դարձին չկարենալով հասնիլ Աւարայրի պատերազմին, այն տեղերը նոր դիմադրութիւն մը կազմելու ձեռնարկեց, եւ իրեն շուրջը հաւաքեց Աւարայրի փախստականներէն շատերը: Զօրաւոր Պարսիկ գունդ մը գնաց անոնց դէմ` որուն կ՚օգնէին ուխտանենգներէն Արտէն Գաբեղեան եւ Վարազշապուհ Պալունի, եւ յանկարծակի յարձակեցան Որջնհաղ բերդին վրայ, երբ անպատրաստ էր Հմայեակի գունդը: Սաստիկ պատերազմ մը տեղի ունեցաւ, Հայեր չկրցան դիմանալ եւ ցրուեցան, եւ Հմայեակ նահատակուեցաւ, որ բազում ցանկութեամբ խնդրէր ժամանել զկնի սուրբ եղբօրն իւրոյ (ՓԱՐ. 74): Ուրիշ խումբ մըն ալ Արցախի անտառներուն ապաւինած էր, բայց անոնց դէմ գլխաւոր յարձակում մը չգործուեցաւ, որովհետեւ Հոներու պաշտպանութիւնը կը վայելէին (ԵՂԻ. 99):

262. ԵՐԿԴԻՄԻ ԸՆԹԱՑՔ

Ատրորմիզդ լուր ալ տարածեց, թէ ոչ մէկուն կեանքին վնաս կ՚ուզէ հասցնել, եւ ոչ մէկը իր տանուտէրութենէն կը զրկէ, եւ կը սպասէ որ նախարարները իրեն մօտ հաւաքուին եւ ընելիքնին որոշեն: Այդ խոստումը եւ Ատրորմիզդի ցուցուցած չափաւորութիւնը նախարարներէ շատերուն վստահութիւն ազդեցին, որոնք հետզհետէ յօժարութեամբ նոր մարզպանին մօտ եկան (ՓԱՐ. 75): Միեւնոյն հրաւէրը գլխաւոր եկեղեցականներուն ալ ուղղուեցաւ, ինչպէս Ռշտունեաց եպիսկոպոս Սահակի եւ Արծրունեաց դրաներէց Մուշեղի (ԵՂԻ. 101): Բայց Ատրորմիզդ անկեղծ չէր իր խոստումներուն մէջ, եւ դիմադրութեան գլխաւոր գործիչները հեռացնելու կ՚աշխատէր: Ուստի ամենուն գալէն ետքը քննութիւններ կը բանար, եւ ասոր կամ անոր վրայ յատուկ յանցապարտութեան առիթ գտնելով, կամ կապանաց կ՚ենթարկէր, կամ քննուելու եւ դատուելու համար Տիզբոն թագաւորին երթալու կը ստիպէր: Ըստ այսմ Սահակ եպիսկոպոսի համար կը հաստատուէր թէ ատրուշան մը կործանած է եւ բազում չարչարանօք սպաննած է մոգերը, նոյնպէս Մուշեղ երէցի համար կ՚ըսուէր թէ կրակատուն մը աւերած է եւ մոգերը կապանօք եւ տանջանօք չարչարած է: Որովհետեւ իրենք ալ չուրացան, երկուքն ալ միւս կապեալ եկեղեցականներուն հետ խառնուեցան, որոնք էին Յովսէփ կաթողիկոս, Ղեւոնդ երէց, Արշէն երէց, Սամուէլ քահանայ ու Աբրահամ սարկաւագ: Սահակի սարկաւագ Քաջաջն ալ անոնց միացաւ, եւ ութը կապեալ եկեղեցականներու խումբ մը կազմուեցաւ Տիզբոն ղրկուելու համար: Նախարարներուն վրայ ալ քննութեան պէտք տեսնուեցաւ, գլխաւորապէս պատերազմի մասնակցութեան եւ Պարսից դէմ զէնք առած ըլլալու կէտը առջեւ քշելով, եւ անոնցմէ ալ խումբ մը որոշեցին Տիզբոն երթալու:

263. ԱՔՍՈՐԵԱԼ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ

Տիզբոն երթալով դատուելու համար որոշուած նախարարներուն թիւը, Փարպեցիէն 31 ըսուած է (ՓԱՐ. 86). իսկ ըստ Եղիշէի 35 (ԵՂԻ. 150): Անոնց անուններն ալ մի առ մի յիշուած են հետեւեալ կերպով. Սիւնեաց տոհմէն 2 հոգի` Բաբգէն եւ Բակուր եղբայրներ, Արծրունեաց տոհմէն 7 հոգի` Ներշապուհ, Շաւասպ, Շնգին, Մեհրուժան, Պարգեւ, Տաճատ եւ Ապրսամ, Մամիկոնեանց տոհմէն 4 հոգի` Համազասպեան, Համազասպ, Արտաւազդ եւ Մուշեղ, Կամսարականաց տոհմէն 5 հոգի` Արշաւիր, Թաթուլ, Վարձ, Ներսէհ եւ Աշոտ, Ամատունեաց տոհմէն 3 հոգի` Վահան, Առանձար եւ Առնակ, Դիմաքսեանց տոհմէն 2 հոգի` Թաթուլ եւ Սատոյ, եւ 2 եւս անուննին չյիշուած, Անձեւացեաց տոհմէն 3 հոգի` Շմաւոն, Զուարէն եւ Առաւան, Առաւեղեանց տոհմէն 3 հոգի` Փափագ, Վարազդէն եւ Դատ, Մանդակունեաց տոհմէն 2 հոգի` Սահակ եւ Փարսման, Ռոփսեանց տոհմէն 2 հոգի` Բաբիկ եւ Յոհան, Ռշտունեաց տոհմէն` Վրէն, Գնունեաց տոհմէն` Ատոմ: Ընդ ամէն 35 անունով յիշուածներ, որոնցմէ Փարպեցիէն յիշուած չեն Մեհրուժան Արծրունի, Ներսէհ եւ Աշոտ Կամսարականք, եւ Զուարէն Անձեւացի: Եթէ Դիմաքսեանց ցեղէն առանց անունի յիշուած երկու եւս տոհմակիցները թիւի անցնենք, Տիզբոն գացողներու բուն թիւը կը լինի 37: Ինչպէս պարզ ակնարկով մըն ալ կը տեսնուի, այս ցուցակէն շատեր միեւնոյն Աւարայրի պատերազմին մասնակցողներն են 254), որոնք չէին նահատակուած, եւ խոստովանողական կոչման նախատեսութեամբ եկան, Տիզբոն եւ կամօք մատնեցան ի սուրբ կապանս չարչարանաց (ԵՂԻ. 150): Այդ նախարարներուն հետ Տիզբոն ղրկուեցան քանի մը նախարարազուն տղաքներ ալ, իբր պատանդ Պարսկաստան պահուելու համար, որոնց մէջ յանուանէ կը յիշուին Վահան եւ Վասակ եւ Արտաշէս, նահատակ Հմայեակ Մամիկոնեանի զաւակները(ՓԱՐ. 111), եւ Ներսէհ ու Հրահատ, Արշաւիր Կամսարականի զաւակներ (ՓԱՐ. 122), Վարդանի եղբօրորդիներ եւ թոռներ: Վասակ Սիւնի, թէպէտ մարզպանութենէ ձեռք քաշած, եւ Տիզբոն երթալու հրաւիրուած, սակայն դանդաղութեամբ կը շարժէր, որպէսզի գոնէ կապեալ եկեղեցականներուն եւ ղրկուելիք նախարարներուն ճամբայ հանուիլը ապահովէ, եւ Տիզբոնի մէջ անոնց պարտութեամբ իր վրէժը լուծէ: Իրօք ալ, եկեղեցականները եւ նախարարները տայր խաղացուցանել յառաջագոյն քան զինքն (ՓԱՐ. 75): Եւ յետոյ ինքն կ՚ուղեւորէր յերեքտասաներորդում ամի Յազկերտի (ՓԱՐ. 76), որ է ըսել 451 Օգոստոս 4-էն առաջ, Աւարայրի պատերազմին օրէն երկու ամիս ետքը:

264. ՎԱՍԱԿ ՈՒ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Վասակ իր ուղեւորութիւնը կ՚ընէր սաստիկ կազմութեամբ եւ ուժգին աղխիւք, այն համոզմամբ թէ իր ծառայութիւնները գնահատուած են, եւ թէ կ՚երթայ առնուլ վարձս, մինչեւ անգամ միտքէն անցընելով, թէ կրնայ ընդունիլ զթագաւորութիւնն իսկ Հայոց: Կալանաւոր եկեղեցականները ծանրաքայլ տանէին կապեալս, նստուցեալս ի վերայ ջորւոց, երբ հեռուէն տեսնուեցաւ փառաւոր կարաւան մը եւ իմացուեցաւ թէ Սիւնեաց տեառնն է: Ասոր վրայ Յովսէփ Ղեւոնդի դառնալով կ՚ըսէր, թէ Վասակ չի քաշուիր լրբենի անամօթութեամբ սրտիւ գալ առ մեզ յողջոյն, մենք ի՞նչ ընելու ենք փոխարէն: Ղեւոնդ կը պատասխանէ, թէ ողջոյնը կը տրուի ամենուն, աւետարանի կանոնով, եթէ ողջունեալը արժանի չէ, ողջոյնը ետ կը դառնայ (ՓԱՐ. 76): Եւ այս խօսքին վրայ Վասակ կը հասնի, ձիէն կ՚իջնէ, կ՚ողջունէ, եւ Ղեւոնդ անտրտում եւ զուարթերես խօսէր երկարս ընդ Վասակայ: Վասակ կարծելով թէ անոնք անտեղեակ են իր ըրածներուն երթայր ընդ նոսա երկարագոյնս, մինչեւ իսկ կը հրաւիրէր ճաշել ընդ նմա մօտաւոր օթեւանին մէջ, եւ ինքն կ՚անցնէր առաջ: Այն ատեն Ղեւոնդ ետեւէն կը ձայնէ, թէ ամենէն կարեւորը մոռցած է եւ ուր երթալը չէ հարցուցած: Վասակ համարձակութեամբ կը պատասխանէ թէ թագաւորին կ՚երթայ գտանել զհատուցումն: Այն ատեն Ղեւոնդ մարգարէական շեշտով մը կ՚ըսէ, թէ արդարեւ դու կենդանութեամբ զգլուխդ ի վերայ ուսոցդ ի Հայս տանիս, ապա ընդ իս Տեառն Աստուծոյ չէ խօսեցեալ (ՓԱՐ. 77): Որչափ ալ Վասակ մոլորեալ միտք մը ունէր, սակայն սուրբերուն վրայ մեծ յարգ մը կը տածէր, եւ Ղեւոնդի խօսքերուն վրայ տխուր տպաւորութիւն մը ունեցաւ, եւ տխրութեամբ ճամբան շարունակեց, եւ հասաւ Տիզբոն, ուր պատուաւոր ընդունելութիւն ալ ունեցաւ: Իսկ կապեալ եկեղեցականները հազիւ յետ երկուց ամսոց եւ քսան աւուր կը հասնէին թագաւորին ձմեռնային պալատը (ԵՂԻ. 101), որ ըսել է թէ 451 Հոկտեմբերին կէսէն ետքը Տիզբոն կ՚երթային: Մինչեւ այն ատեն նախարարներն ալ կը հասնէին արձակ ձեռօք եւ արձակ ոտիւք (ԵՂԻ. 103), պատանդ տղաքներն ալ անոնց ետեւէն, եւ կարգը կու գար քննութիւններն սկսիլ եւ դատաստանները վճռել: Առաջ մասնաւոր տեսակցութիւններ տեղի կ՚ունենային իբր նախաքննութիւն, եւ եկեղեցականներուն գլխաւորները հարցուփորձի կ՚ենթարկուէին, մինչեւ որ վերջէն հանդիսաւոր ատեան կազմուեցաւ Միհրներսէհի նախագահութեամբ` սակայն ինքն Յազկերտ ալ ի մօտոյ կը հետեւէր դատաստանին արդիւնքին (ԵՂԻ. 103): Ըստ այսմ հազիւ 452 տարւոյ սկիզբները կրցաւ սկսիլ Տիզբոնի մէջ, Հայաստանի իրողութեանց մեծ դատաստանը: Իսկ Հայաստանի մէջ ամենուն մեկնելէն ետքը, աւելի եւս ընդարձակօրէն սկսաւ գործել Ատրորմիզդ: Եպիսկոպոսներուն թոյլ կու տար իրենց իշխանութիւնը վարել յայտնապէս ըստ առաջին սովորութեանն, աւերեալ գաւառներուն հարկերը կը ներէր, այրուձիին ծառայութիւնը կը թեթեւցնէր, միայնակեացները իրենց տեղերը կը դարձնէր, փախստականներուն կը ներէր իրենց ստացուածներուն տիրապետութեան դառնալ, բռնի կամ բռնադատեալ կրօնափոխ եղածներուն քրիստոնէութեան դառնալը չէր արգիլեր, վերջապէս ձեռքէն եկածին չափ ժողովուրդը գոհացնելու, երկրին վերաշինութիւնը քաջալերելու, եւ բարօրութեան վիճակ պատրաստելու հնարաւոր դիւրութիւնները կ՚ուզէր պակաս չընել (ԵՂԻ. 102):

265. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԱՑ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

Տիզբոնի մէջ կազմակերպուած դատաստաններուն դառնալով, թէ Փարպեցի եւ թէ Եղիշէ բաւական ընդարձակօրէն կը պատմեն դատական գործողութիւնները, սակայն կէտ առ կէտ չեն համապատասխաներ ամէն մանրամասնութեանց մէջ, ինչ որ զարմանալի չէ, որովհետեւ ոչ թէ պաշտօնական ատենագրութիւն է կազմածնին, այլ գլխաւոր պարագաները յետիններուն աւանդելու համար պատմագրութիւն մը: Մենք ալ առանց ատենագրութիւն մը կազմելու յանակնութեան` միայն գործողութեանց բնութիւնը ցոյց տալու կէտերը` կ՚ուզենք քաղել: Նախապէս եկեղեցականներու դատաստանը տեսնուեցաւ եւ անոնք համարձակօրէն ըրածնին չծածկեցին, ծանրանալով մանաւանդ կրակ սպանանել -ու կէտին վրայ: Արտաշատի ատրուշանը քանդողներ, Սամուէլ եւ Աբրահամ, յայտնեցին, թէ իրենք սպանութիւն ըրած չեն, այլ կրակի պաշտօնեաները փախան, եւ կրակը անցաւ, այն ատեն իրենք ալ մոխիրը գետը թափեցին, ինչպէս մոգերն ալ կ՚ընէին, եւ որովհետեւ հուրն ու ջուրը եղբայրներ են, իրենք ալ եղբայրները իրարու տուին (ՓԱՐ. 78): Սահակ ալ Քաջաջի հետ հարցաքննուեցաւ, ու նա ալ աւելի խիստ խօսեցաւ Ռշտունեաց կրակատունին աւերման վրայ: Վերջէն ատեան հանուեցան Յովսէփ եւ Ղեւոնդ, Մուշեղի եւ Արշէնի հետ, եւ Ղեւոնդ ամենուն կողմէն խօսեցաւ: Նախ իրենցմէ իւրաքանչիւրին աստիճանն ու պաշտօնը ուզեց ճշդել, որովհետեւ ըստ քրիստոնէութեան օծմանն անտեղեակ էին իւրաքանչիւր պատուոյ: Յովսէփը ցուցնելով, կ՚ըսէ, որ թէպէտ քան զինքն մանկագոյն է տիովք, այլ պատուով կարգեալ է արժանաւորապէս եւ գլուխ է Ամենայն Հայոց քահանայութեանց: Յետոյ Սահակը ցուցնելով կը յայտնէ, թէ Սա զկարգ օծման ըստ ճշմարիտ եւ արդարեւ քրիստոսատուր ձեռնադրութիւն մերոյ օրինաց ` զկատարեալն ունի: Վերջապէս իրեն եւ մնացեալներուն վրայ գալով կ՚ըսէ, թէ այլքս եւ ես միապէս եմք ըստ կարգի քահանայութեան: Թէպէտ չորսերնին միայն քահանաներ էին, Ղեւոնդ, Մուշեղ, Արշէն եւ Սամուէլ, իսկ Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագներ էին, սակայն անոնք զատել աւելորդ է սեպած (ՓԱՐ. 79): Փարպեցիէն մէջբերուած խօսքերը բաւական են ցուցնելու թէ եկեղեցական պատիւը, Փարպեցիին միտքին մէջ, ձեռնադրութիւնն է, եւ ձեռնադրութիւնն ալ օծումն է, ուստի երբոր Յովսէփը պատուով բարձր եւ բոլոր քահանայութեան գլուխ կը ճանչնայ, նովին իսկ զայն եպիսկոպոսական ձեռնադրութեամբ եւ օծմամբ օժտուած կ՚իմանայ, եւ միայն Պարթեւազանց եւ Մանազկերտացեաց քահանայապետական տուներէն դուրս, պարզ երիցական տունէ առջեւ եկած ըլլալուն կ՚ակնարկէ, երբոր անոր երէց անունը կու տայ, ինչպէս որ ուրիշ տեղ ալ ցուցուցինք 231): Իսկ ատրուշաններու աւերման խնդրին գալով, Ղեւոնդ բնագիտական հմտութիւններու կը մտնէ բացատրելով, թէ քանի կերպերով կրակ կը ծագի, եւ ինչպէս կը մարի, ինչ բաներու կը գործածուի, եւ ինչ բաներու օգտակար է, որով պարզ նիւթ մը ըլլալը կը հաստատէ, եւ աստուած չլինելը կը ցուցնէ: Յովսէփ եւ Սահակ անոր ըսածները կը հաստատեն, միւսներն ալ կը ձայնակցին, որով Միհրներսէհ զայրանալով կը հրամայէ շղթաներով ծեծել երանելիները, քիթերնուն բերներնուն ալ չխնայելով, եւ իբրեւ դատապարտեալներ ծանր շղթաներով բանտարկել կը հրամայէ, մինչեւ որ արքունական վճռով անոնց վերջնական բախտը որոշուի (ՓԱՐ. 80-81):

266. ՎԱՍԱԿԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

Կարգը կու գայ նախարարներուն` դատաստանին, որոնց վերագրուած յանցանքը, ատրուշաններու կործանման կամ մոգերու կոտորածի կէտերը չէին, այլ երկրին աւերման պատճառ եղած ըլլալնին, եւ այս մասին ուխտապահները, ինքզինքնին արդարացուցած ատեննին, բոլոր վնասներու պատճառ կը ցուցնէին Վասակը եւ իր համախոհները: Դատաստանը դէմ դէմի ամբաստանութեան ձեւ մը առաւ, առաջ բազում աւուրս Միհրներսէհի նախագահութեամբ քննութիւն կատարուեցաւ (ԵՂԻ. 104), եւ վերջին անգամ Յազկերտի նախագահութեամբ վերջնական վճիռը տրուեցաւ (ՓԱՐ. 82): Երկու պատմագիրներն ալ մանրամասնութեանց կը մտնեն Վասակի դէմ եղած ամբաստանութիւնները յառաջ բերած ատեննին: Նախ կը յիշուի թէ ուխտապահները ցուցանէին զթուղթսն որոնց վրայ մատանի Վասակայ եդեալ էր, եւ որք ուղղուած էին Վրաց, Աղուանից եւ Աղձնեաց իշխաններուն, ինչպէս նաեւ կայսեր եւ Անտիոքոս ստրատելատին, եւ որով Պարսիկներուն դէմ օգնութիւն կը խնդրուէր (ԵՂԻ. 103): Այս թուղթերուն գրուած եւ Վասակէ ալ կնքուած լինելը յիշեցինք 250), սակայն անոնք պէտք էր հասցէներնուն յղուած ըլլային, եթէ յատկապէս քանի մը հատ պահուած չէին, կամ թերեւս յղուած ըլլալուն վաւերական փաստեր եւ վկաներ ցոյց կու տային, ինչպէս յատկապէս կը յիշուի Ատոմ Գնունին, որ առաջին անգամ Վասակի գրութիւնը տարած էր Բիւզանդիոն (ԵՂԻ. 103): Իբրեւ ամբաստանութիւն յառաջ բերուած է, թէ Զարեհաւանի մէջ մոգերուն ջարդը, եւ շատ բերդերուն Պարսիկներուն ձեռքէն հանուիլը Վասակի հաւանութեամբ եւ հրամանով եղած գործեր են (ԵՂԻ. 103): Մուշկան Նիւսալաւուրտ ալ վկայեց թէ պատերազմէն ետքը գործուած բռնութիւնները եւ խաբէական երդումներով եղած կոտորածները մարզպանին հրամանով գործուեցան (ԵՂԻ. 103): Պարսիկ պաշտօնեաներ հաստատեցին թէ արքունիք երթալիք հարկին գումարէն գողութիւն ըրած է (ԵՂԻ. 104): Ուխտանենգներուն մէջէն ալ շատեր, համարձակութիւն առին Վասակի դէմ վկայութիւն տալ: Հայաստանի մէջ նեղութիւն կրած մոգեր եւ Պարսիկ զինուորականներ ալ հաստատեցին թէ իրենց հարուածներուն պատճառը մարզպանն էր: Վասակի ազգականներն ալ իբր դատախազ ներկայացան, եւ շատ մը եղելութիւններ պատմելով եզրակացուցին, թէ Հոնաց եւ ուրիշ թշնամեացն արքունի ` խորհրդակից գտաւ (ԵՂԻ. 104): Դատապարտուած եկեղեցականներն ալ ատեան բերուեցան, եւ Սահակ եպիսկոպոս ամենուն կողմանէ ընդարձակօրէն բացատրեց, թէ նա` որ իր հաւատքին անհաւատարիմ եղաւ, թագաւորին ալ հաւատարիմ չէր (ԵՂԻ. 105): Այդպէս քննութիւնները զաւուրս բազումս շարունակելէ ետքը, յայտնի եղաւ թէ պարտաւորեցաւ կողմ ուրացելոց (ԵՂԻ. 103), սակայն վճիռը հանդիսաւոր գումարման թողուեցաւ, որուն հրաւիրուեցան որ ոք ունէր զպատիւ թագաւորին, եւ լեցուեցաւ Արեօք եւ Անարեօք ամենայն խորանն (ՓԱՐ. 82): Վասակն ալ անոնց հետ էր իր ամէն զարդերով (ԵՂԻ. 106): Այնտեղ բոլոր ուխտապահներու խումբին կողմէն Արշաւիր Կամսարական կամ Արշարունի, Վարդանի փեսան, իբրեւ տեղեկաբեր խօսեցաւ, եւ նորէն բոլոր ամբաստանութիւնները քաղելով զօրաւոր կերպով հաստատեց թէ Վասակի երկդիմի ընթացքն էր, որով դիմադրութիւնը կատարուեցաւ, Վարդանը փախուստէն դարձուց եւ զէնք առնելու քաջալերեց, եւ ամէն միջոցներ գործածեց, որով Պարսից ծառայութեան մէջ եղող քաջերը զոհուեցան եւ Պարսից լաւագոյն մէկ գաւառը աւերեցաւ (ՓԱՐ. 83-84): Դատաստանին ելքը կատարելապէս ձախող եղաւ Վասակին, թագաւորն եւ բոլոր աւագանին Վասակը դատապարտեցին աստիճանէ եւ պատիւէ զրկման, մշտնջենաւոր բանտարկութեան, եւ գանձին հասցուցած վնասին հատուցման: Նոյնտեղ առաջի ամենայն մեծամեծացն, առաջ անցաւ դահճապետը, եւ մերկեաց ի նմանէ զպատիւն եւ զգեցոյց նմա հանդերձ մահապարտի: Անոր վրայ դահիճները տիրացան Վասակի անձին, կապեցին զոտս եւ զձեռս, կանանցաբար նստուցին ի ձի մատակ, եւ տարան ետուն յայն զընտան, ուր կային մահապարտք ամենայն (ԵՂԻ. 107): Եւ ոչ այսչափ միայն, այլեւ ձաղանքի ենթարկելու համար, օրըստօրէ բերէին ` իբրեւ զգէշ ընկենուին ի մեծ հրապարակին: Միւս կողմէ հատուցման գումարն ալ այնչափ ծանրացուցին, որ մինչեւ զհարց եւ զհաւուց եւ զիւր արարս եւ զզարդս կանանց եւս ետ ի վերայ, եւ ետ տուժեցաւ, եւ ոչ կարաց հատուցանել զպարտս արքունի (ԵՂԻ. 108):

267. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Վասակի դատապարտութիւնը ուխտապահներուն ազատութեան չծառայեց, միայն թէ անոնց վիճակը չծանրացուց, եւ ամէնքնին մէկտեղ, 8 եկեղեցականներ եւ 37 նախարարներ, աքսորուեցան Վրկան, այժմեան Մազանդարան գաւառը, որպէսզի այնտեղ պահուին խիստ կապանօք (ՓԱՐ. 86): Այդ ամէնը տեղի ունեցաւ 452 տարւոյ սկիզբները, իսկ Վրկանի բանտարկութիւնը տեւեց երկու տարի, մինչեւ 454 տարւոյ ամառը, երբ Քուշանաց պատերազմին պատճառով նոր եղելութեանց առիթ տրուեցաւ: Յովսէփ կաթողիկոսի անդարձ աքսորը եւ բանտարկութիւնը` խզեց բոլորովին անոր յարաբերութիւնը ազգին հետ, այնպէս որ այլեւս իսկապէս եւ իրապէս դադարած եղաւ անոր գործունէութիւնը: Այդ մասին Եղիշէ եւ Փարպեցի որոշ բան մը չեն գրեր, այլ Յովհան կաթողիկոս կը դիտէ, թէ որովհետեւ սուրբ հայրապետն Յովսէփ ի մետաղս ըմբռնեալ էր, ինչչափ ալ նա դեռ եւս կայր կենդանի, սակայն ոչ պարտ վարկան նախարարքն Հայոց առանց հովուի զհօտն Քրիստոսի թողուլ, եւ կաթողիկոս մը ունենալու պէտքը տեսան: Պատմաբանն ալ կը համաձայնի կարծել թէ ի հրամանէ սրբոյն իսկ Յովսեփայ այն իրագործիւր (ՅՈՎ. 78): Պատերազմի օրէն եւ Յովսէփի ձերբակալուելէն ետքը, հարկաւ միջոց մը բոլորովին անգլուխ եւ անկերպարան մնաց կաթողիկոսական աթոռը, որովհետեւ հնար ալ չէր ընդհանուր շփոթութեան եւ խառնակութեան մէջ աթոռին կարգադրութեամբ զբաղիլ: Բայց երբ ամբաստանեալներ Տիզբոն տարուեցան եւ վճիռները տրուեցան, հարկաւ Ատրորմիզդ մարզպանն ալ փափաքեցաւ որ գործերու կարգադրութեան համար կաթողիկոս մը գտնուի, եւ այս կերպով ծագում առած կ՚ըլլայ Մելիտէի կաթողիկոսութիւնը 452-ին, Յովսէփի նահատակութենէն առաջ: Սակայն մենք Յովսէփի բաժինը չփակած, պէտք կը զգանք միեւնոյն գլուխին մէջ պատմել Յովսէփի ու ընկերաց մարտիրոսութիւնը, եւ ապա դառնալ Մելիտէի կաթողիկոսութեան: Չմոռնանք եւս յիշել թէ միեւնոյն 451 տարին, որ Հայաստանի նահատակութեան արկածները տեղի կ՚ունենային, անդին Բիւզանդիոյ մէջ Եւտիքէսի խնդիրը կը յուզուէր եւ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եփեսոսի եւ Հռոմայ ներհակընդդէմ ժողովները կը գումարուէին, եւ Աւարայրի օրէն չորս ամիս ետքը, 451 Հոկտեմբեր 8-ին, կը բացուէր Քաղկեդոնի ժողովը, որ այնչափ խնդիրներու պատճառ եղած է, թէ ընդհանուր եւ թէ մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ: Բայց որովհետեւ այդ ժողովները այն ատեն Հայոց մէջ չլսուեցան, եւ Հայ Եկեղեցին ալ անոնցմով չզբաղեցաւ, ուստի մենք ալ Քաղկեդոնի ժողովին մասին պէտք եղած տեղեկութիւնները կը վերապահենք տալ, երբոր անոր խնդիրը Հայոց կողմանէ նկատի առնուելով սկսի Բաբգէն Ոթմսեցիի կաթողիկոսութեան ատեն:

268. ԱՔՍՈՐԵԼՈՑ ՎԻՃԱԿԸ

Վրկանի մէջ բանտարկուած եկեղեցականներուն համար գրուած է, թէ անոնք արանց վատախրատից եւ աշխարհակորուսաց եւ աստուածասպանաց կարգը դասուած ըլլալով, իրենց համար պատրաստուած շղթաները ստուարք էին եւ ծանունք քան զբնութիւն ամենայն երկաթոյ, որով զայլ մահապարտսն կապէին. մանաւանդ Յովսէփ կաթողիկոսին համար կը յիշուի, թէ եւս առաւել քան զսաստկութիւն այլոց զշղթայիցն ստուարագոյն ասէին զնորայն եւ անհեդեդս (ՓԱՐ. 92): Այսուհանդերձ բոլորովին յարաբերութենէ կտրուած չէին, եւ մանկունք կապելոց երիցանց (ՓԱՐ. 93), եւ մասնաւորապէս երկու արիասիրտ քահանաներ, Խորէն Արարատի Որկովի գիւղէն, եւ Աբրահամ Տայոց Զենակք գիւղէն, միշտ կապեալ եկեղեցականներուն կը հետեւէին, եւ անոնց խնամքը կը հոգային(ՓԱՐ. 94): Իսկ միւս աքսորեալներուն մօտ ալ կը գտնուէին մանկտի կապելոց նախարարաց (ՓԱՐ. 93), իւրաքանչիւրին տունէն հաւատարիմ անձեր, որոնք Հայաստանէ մէկտեղ եկած էին, եւ աքսորին մէջ ալ անոնցմէ չէին բաժնուած, որպէսզի կարենան արբանեկել նոցա եւ սպասաւորել ի կապանսն (ՓԱՐ. 94): Պատմագիրներ երկարօրէն կը բացատրեն թէ ինչպէս բոլոր այդ խոստովանողներ ներքին ուրախութեամբ եւ յարատեւ աղօթքով կ՚անցընէին ժամանակը Վրկանի բանտին մէջ, որովհետեւ վասն հաւատոյ եւ վասն Քրիստոսի էր իրենց քաշած չարչարանքը: Այդպէս անցան 452 տարւոյ մնացորդը, 453 տարին, եւ 454-ի սկիզբը մինչեւ Յազկերտի թագաւորութեան 16-րդ տարին, երբ նորէն պատերազմ բացուեցաւ Քուշանաց եւ Պարսից մէջ: Յազկերտ Վրկանէ անցած ատենը հրամայեց որ խոստովանողներուն խումբն ալ ետեւէն բերեն, առանց վերջնական նպատակ մը յայտնելու, ինչպէս որ ալ կատարուեցաւ, եւ ամէնքը տարուեցան Ապար, այժմեան Խորասան գաւառը, եւ փակուեցան Նիւշապուհ բերդին մէջ: Նպատակն էր կերպով մը ազդել քրիստոնէից վրայ, որովհետեւ նորէն մոգական շարժումը սկսած էր խլրտիլ, եւ ջանալ Յազկերտը բռնական միջոցներու մղել, որոնք պահ մը մեղմացած էին: Դատապարտեալ 8 եկեղեցականներէն երկուքը զատեցին, եւ բանակին հետ միասին տարին, ուր չարաչար վշտով եւ բուռն կապանօք եւ գանիւ կը նեղէին: Այդ երկուքն էին Արտաշատի ատրուշանին աւերողները, Սամուէլ երէց եւ Աբրահամ սարկաւագ (ՓԱՐ. 86): Քուշանաց պատերազմը յաջող չեղաւ, վասնզի Բէլ անուն Խայլանդարանցի Հոն մը որ քրիստոնէից համակիր էր զգացումով, եւ Պարսից ծառայութեան մէջ կը գտնուէր, ասոնց բոլոր գաղտնիքները իմանալով Քուշանաց կը հաղորդէր, անոնք ալ ըստ այնմ, առանց մեծ ճակատամարտի, մասնաւոր յարձակումներով Պարսիկները կը նեղէին, կը կոտորէին եւ կը հալածէին, մինչեւ իսկ համարձակ արքունի գաւառները կ՚ասպատակէին (ԵՂԻ. 110):

269. ԵՐԵՔ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐ

Յազկերտ ձախողելէն ցաւած, մոգերը կը մեղադրէր, թէ արժանապէս չեն պատուած ու պաշտած աստուածները, որ ներեցին թշնամիներուն իրենց վրայ զօրանալ: Առիթը պատեհ երեւցաւ Միհրներսէհի եւ խորհրդակից մոգերուն իրենց սիրտին թոյնը թափելու, եւ թագաւորը համոզելու թէ աստուածները իրօք բարկացած են իրեն դէմ, որովհետեւ տակաւին կենդանի կը պահէ անոնք որ աստուածները սպաննել յանդգնած էին, եւ պահանջեցին կապեալ եկեղեցականներուն սպանութիւնը փութացնել: Յազկերտ շուտով համոզուեցաւ, եւ յուզեալ վիճակով մը անմիջապէս բանակին մէջ գտնուող երկու կապեալները հրամայեց առանձինն տեղ մը տանիլ ու գլխատել, նախապէս երկուքին ալ աջ ձեռքերը կտրելով, եւ փոխադարձաբար միւսին բազուկին միացնելով: Այսպէս նահատակուեցան Սամուէլ քահանայ եւ Աբրահամ սարկաւագ, երկուքն ալ բնիկ Արարատ գաւառի Արած գիւղէն, եւ Արտաշատի եկեղեցւոյն պաշտօնեաներ: Նահատակութեան տեղերնին էր Ապար նահանգի Վարդգետ կամ Վարդգէս գաւառը, ուր կը գտնուէր այն օր Յազկերտի բանակը, իսկ կատարման օրը գրուած է հրոտից ամսոյ 7 (ՓԱՐ. 87), որ շարժական տոմարի հաշուով կ՚իյնայ 454 Յուլիս 7-ին, Չորեքշաբթի օր: Միեւնոյն ատեն յատուկ սուրհանդակ կը հանուէր Խուժաստանի կուսակալին, որպէսզի չարալլուկ տանջանօք սպաննէ այնտեղ բանտարկուած Թաթիկ եպիսկոպոսը: Հրամանին հասնելուն պէս, տեղւոյն մոգերը, շատոնց եպսիկոպոսին արիւնին ծարաւի, նախապէս զաւուրս բազումս զայն տանջեցին, եւ քերեցին զմարմին սրբոյն յոսկերացն, եւ անկէ ետքը գլխատեցին: Օրը որոշուած չէ, սակայն սուրհանդակին Ապար նահանգէ Խուժաստան նահանգ երթալը եւ տանջանքներու օրերը նկատի առնելով, առաջին երկուքին նահատակութենէն գոնէ տասնըհինգ օր ետքը պէտք է դնել Թաթիկի մարտիրոսութիւնը: Թաթիկ Մեսրոպի մահուան ատեն իրեն մօտ գտնուող աշակերտներէն մէկը եղած էր 224), անկէ ետքը Բասենի եպիսկոպոս ձեռնադրուած, եւ Արտաշատի ժողովին ներկայ գտնուած էր 241), եւ կրօնական պայքարի միջոցին ամենէն բուռն գործողներէն մին եղած էր, ատրուշան մըն ալ ինքը կործանած էր, անշուշտ իր վիճակին Բասենի մէջ, եւ իբր աւելի աչքի զարնող մը, առանց Տիզբոնի մէջ դատուելու` դատապարտուած եւ հեռաւոր Խուժաստան բանտարկութեան յղուած էր:

270. ՄԻՒՍ ՎԵՑ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ

Այս երեք եկեղեցական մարտիրոսներէն ետքը կը մնային միւսները, որոնք Նիւշապուհի մէջ բանտարկուած էին: Անոնց համար ալ յատուկ դատաւոր որոշուեցաւ Դենշապուհ ամբարապետը, որ կանուխ Հայաստան ղրկուած էր կրօնափոխութեան հրամանը գործադրելու համար 236), իրեն օգնական տալով Ջնիկան մարզպետը եւ Մովան հանդերձապետը, վերջինը յատկապէս մովպետան մովպետին կողմէ նշանակուած: Դենշապուհի յանձնարարուեցաւ անմիջապէս մեկնիլ, խաբէական կերպով վեց եկեղեցականները հեռացնել ժողովուրդին աչքէն, եւ անծանօթ տեղ մը վեցն ալ սպաննել չարալլուկ տանջանօք, որպէս եւ կամեսցի (ՓԱՐ. 88): Նկատողութեան արժանի է, այդ ամէն հրամաններուն մէջ խառնուած գաղտնապահութեան հրահանգը, եւ յայտնի զգուշութիւնը` որպէսզի մարտիրոսներուն ոսկորները քրիստոնէից ձեռքը չիյնային, որուն անոնք այնչափ յարգանք ու արժէք կու տան, այնպէս որ կիներ անգամ մարգարիտի շարքերը սիրով կը փոխանակեն ոսկորի փշուրի մը հետ (ՓԱՐ. 88): Քրիստոնէից կողմէ մարտիրոսաց ոսկորներուն տրուած յարգանքը յայտնի է, եւ այդ ժամանակէն Հայոց մէջ ալ տարածուած ըլլալը կը հաստատուի այդ զգուշութիւններէն: Ինչ որ դիտելու արժանի է, նոյնիսկ հեթանոսներու կողմէն յայտնուած համոզումն է, թէ իրապէս մարտիրոսաց ոսկորները ներքին ոյժ մը ունին, որով քրիստոնեայք կը զօրանան եւ կը յաջողին, եւ քրիստոնեաները այդ օգուտէն զրկելու համար է, որ մարտիրոսներուն ոսկորները անհետացնելու յատուկ ջանք կը դնեն: Թէ ոչ, եթէ այդ համոզումը չունենային, հարկաւ իրենք իսկ զայն իբրեւ լաւ առեւտուրի միջոց մը կը շահագործէին: Եղիշէ կը գրէ թէ Վատգետի բանակետղը Նիւշապուհի դղեակէն հեռու էր օթիւք հնգետասան (ԵՂԻ. 111), որ է 15 օրուան ճամբայ, եւ իրօք ալ Սամուէլի եւ Աբրահամի կատարումէն 16 օր ետքը հրոտից 23-ին կամ Յուլիս 23-ին, Ուրբաթ օր, երեկոյին մօտ, Դենշապուհ դատաւորը Նիւշապուհ կը հասնի իր ընկերներով, եւ անմիջապէս նոյն գիշերը պէտք եղած պատրաստութիւնները կը կարգադրէ:

271. ՆԻՒՇԱՊՈՒՀԻ ՄՈԳՊԵՏԸ

Այստեղ Եղիշէ միջանկեալ կերպով եւ ընդարձակ մանրամասնութիւններով կը պատմէ Նիւշապուհի մոգպետին դարձը, որ բանտարկեալներուն վրայ հսկողն էր միանգամայն: Անունը չէ յիշուած, բայց ըսուած է թէ քան զբազում գիտունսն աւելի տեղեակ էր զրադաշտական օրինացն, եւ հինգ կէշտ -երն ալ ուսած եւ լրացուցած էր, որք են Անպարտաքաշ, Բոզպայիտ, Պահլաւիկ, Պարսկադեն, Համակդեն: Իր կրօնամոլութեան սկզբունքով աստուածներ սպաննող քահանաները նախարարներէն զատեց, ու գէճ խաւարտչին ներքնատուն մը բանտարկեց. ամէն յարաբերութենէ զրկեց, եւ հազիւ չմեռնելու չափ հաց ու ջուր տալ կու տար: Քառասուն օր այդպէս նեղելէն ետքը, երբոր կը տեսնէ որ գանգատի կամ թուլնալու նշան չ՚երեւիր, կը կասկածի որ ծառաներ գաղտնապէս կը կերակրեն, ուստի դուռ եւ երդիք կը կնքէ եւ հաւատարիմներու պահպանութեան կը յանձնէ: Տասնուհինգ օր ալ այդ կը տեւէ, եւ նորէն տկարանալնին չի տեսնուիր, մանաւանդ որ պահապաններ ներսէն միշտ օրհնութեան երգեր կը լսէին զօրաւոր ձայներով երգուած: Այն ատեն մոգպետ ինքն անձամբ կու գայ ծակէ մը բանտարկեալները դիտելու, ու կը տեսնէ որ կը հանգստանան բայց լուսաւոր կերպարաններ ունին, եւ քիչ ետքը կ՚ելլեն կը կանգնին, եւ իրենց պաշտամունքը կը կատարեն: Ասոր վրայ մոգպետը զարմացած ու շփոթած` հրամայեց, կ՚ըսէ Եղիշէ, որ ուրիշ չոր ու վերնայարկ սենեակ մը փոխադրուին: Դահճապետը եկաւ հրամանը հաղորդել, սակայն Յովսէփ կաթողիկոս ամենուն կողմէն պատասխանեց թէ իրենք հանգիստ չեն փնտռեր: Մոգպետը աւելի զարմացած, նորէն բանտը իջաւ միայնակ, ու նոյն լուսաւոր կերպարանները տեսաւ, ներս մտաւ, ու երբ այլեւս լուսաւորութիւն չտեսաւ, Ղեւոնդ պատասխանեց թէ անիկա իրեն համար հոգեւոր լուսոյ նշանն էր: Ասոր վրայ քրիստոնէութեան նկատմամբ բացատրութիւններ կը խօսի Սահակ, որ քաջ պարսկագէտ էր, եւ մոգպետը վերջնականապէս քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունի եւ բարտարկելոց քովէն չի բաժնուիր: Գիշերը լուսաւոր տեսիլքներ կը տեսնէ, Վարդանը, Արտակը, Խորէնը յայտնապէս կը ճանչնայ, անոնցմէ զատ կը տեսնէ եւս 1033 եւ 213 մարտիրոսները 257, 258): Առտուն ամէնքը մէկտեղ իր ապարանքը կը տանի, ինքն ալ կը մկրտուի, եւ ամենուն ուրախութեան սեղան կու տայ, եւ յետոյ ինքն ալ մէկտեղ բանտ կը դառնայ: Ասոր վրայ Դենշապուհ կը հասնի, իրողութիւնը կը լսէ, թագաւորին կը հաղորդէ, եւ հրաման կ՚ընդունի մոգպետն ալ փորձելէ ետք, հեռաւոր տեղ մը աքսորել եւ վիրապ մը նետել, որ այնտեղ մեռնի, ինչպէս որ Դենշապուհ կը գործադրէ, եւ մոգպետն ալ քրիստոնէական հաւատոյ մարտիրոս մը կ՚ըլլայ (ԵՂԻ. 112-124): Զարմանալի է որ այդպիսի նշանաւոր պարագայի մը վրայ կատարեալ լռութիւն կը պահէ Փարպեցին, եւ մոգպետին եւ անոր դարձին վրայ եւ ոչ հեռաւոր ակնարկ մը ունի: Նիւշապուհի մարտիրոսներուն վկայութիւնը կատարուեցաւ ամէն յարաբերութենէ հեռու տեղ մը, եւ միայն Խուժիկ քրիստոնեայ մը կրցաւ լուրեր հասցնել, որուն հետ անձամբ տեսակցած է Արշաւիր Կամսարական, եւ անկէ լսած է Փարպեցին, եւ այնպէս գրած իր պատմութիւնը (ՓԱՐ. 101): Այդչափ նշանաւոր եղելութիւն մը հնար չէ որ վրիպէր Խուժիկին յիշողութենէն, եւ կամ զանց լինէր Փարպեցիի մտադրութենէն, այնպէս, որ Փարպեցիի լռութիւնը կրնայ իբր փաստ ընդունուիլ պատմուածին իրականութեան վրայ կասկածելու: Պարագայ մըն ալ դժուարութիւն կը կազմէ Եղիշէի պատմութեան մէջ, իբր զի սա կ՚ընդունի թէ մոգպետին դատաստանը սուրբերուն դատաստանէն առաջ նայուեցաւ (ԵՂԻ. 124), եւ միւս կողմէն կ՚ըսէ թէ Դենշապուհ երթեալ պատմէր թագաւորին ի ծածուկ զամենայն, եւ մոգպետը դատելու իշխանութիւն կը ստանար (ԵՂԻ. 123): Արդ, Նիւշապուհէ Վատգետ, 15 օրուան ճամբայ էր, եւ Դենշապուհ չէր կրնար մէկ օրուան մէջ երթալ ու գալ, վասնզի հրոտից 23-ին Նիւշապուհ հասնելով` 25-ին սուրբերը կը նահատակէր: Բայց միւս կողմէն ալ չենք ուզեր Եղիշէն կեղակարծ եւ մտացածին իրեր պատմող մը կարծել, կամ թէ պարզ զրոյցներու հաւատք ընծայող մը ցուցնել, քանի որ իր պատմութեան ուրիշ ոչ մի մասին մէջ այսպիսի տկարութեան նշան տուած չէ, եւ ինքն ալ նոյն Խուժիկը կը յիշէ, թէ երկրորդեաց մեզ զամենայս կարգաւ (ԵՂԻ. 142): Իսկ մոգպետի դատաստանին ժամանակագրական անյարմարութիւնը շուտով կրնայ մեկնուիլ, ըսելով թէ Դենշապուհ սուրբերուն նահատակութենէն ետքը Յազկերտի մօտ եկած եւ հաղորդած է մոգպետին դարձը, եւ անկէ ետքը տեղի ունեցած են վերջնոյս դատաստանն ու աքսորը եւ վիրապընկէցութեամբ նահատակուիլը: Յայսմաւուրքը ընդունած է մոգպետին դարձին եւ վկայութեան պատմութիւնը, եւ Ղեւոնդեանց մարտիրոսներուն անունները յիշած ատեն, չէ մոռցած անոնց կարգին դնել նաեւ` Մոգպետին ի Նիւշապուհ քաղաքէ (ՅԱՍ. Բ. 55-56), հետեւելով Եղիշէի տուած ցուցակին (ԵՂԻ. 139): Ասով մէկտեղ մեր միտքին վրայ սաստկապէս կը ծանրանայ Փարպեցիի լռութենէն ծագած կասկածը: Մի գուցէ որեւէ մոգական դասակարգէ մէկու մը վկայութիւնն է, այդ միջոցին կատարուած, որ Ղեւոնդեանց նահատակութեան կցուած է պատահաբար:

272. ԴԵՆՇԱՊՈՒՀԻ ՀՐԱՄԱՆՆԵՐԸ

Դենշապուհ հազիւ հրոտից 23-ի երեկոյին Նիւշապուհ հասած էր, իսկոյն ձայն կը հանէ թէ թագաւորէն պաշտօն ընդունած է բանտարկեալները ազատելու, բայց նախապէս քննութիւն մը ունի կատարելիք առանձինն, եւ թէ առաջ եկեղեցականներուն գործը պիտի վերջացնէ: Լուրը տարածուեցաւ, բայց կապեալ եկեղեցականներ կռահեցին ազդեցութեամբ սուրբ Հոգւոյն թէ իրենց մահն է, որ որոշուած է: Իրօք ալ դահիճներէն մէկը Խուժիկէն լսելով, գաղտնիքը իմացուցած է նախարարներուն, ասոնք ալ մեծապէս տրտմած էին, որ իրենց հոգեւոր հայրերէն եւ հոգեշունչ քաջալերողներէն պիտի զրկուին (ՓԱՐ. 89): Խուժիկին համար Փարպեցին կը գրէ թէ բնիկ Պարսիկ վաճառական մըն էր, Խուժաստան գաւառէն, հաւատացեալ ծնողաց զաւակ, միշտ առաքինասէր վարք մը ունեցած, եւ քրիստոսասէր գործերու հետեւած, որ ստէպ Հայաստան ճանապարհորդած լինելով, զլեզու Հայերէն խօսից քաջ տեղեկաբար գիտէր (ՓԱՐ. 94), որ է ըսել, Հայու մը պէս հայերէն կը խօսէր եւ նախարարներուն հետ ալ լաւ մտերմութիւն ունէր, որոնց համար բազում ծախս յընչից եւ սպասաւորութիւն արարեալ էր, երբոր Վրկանի մէջ բանտարկուած էին (ՓԱՐ. 95): Այդ Խուժիկն ալ, որուն դժբախտաբար անունը մեզի հասած չէ, մարտիրոսներու ոսկորներու սիրահար ու հետամուտ մըն էր, եւ այդ փափաքով էր, որ Վրկանէն ալ Ապար եկած էր, եւ գաղտնի խորհրդակցութիւնները իմանալու հետամուտ եղած էր: Եղիշէ Խուժիկի համար կ՚ըսէ թէ ի զօրացն արքունի էր, եւ վիճակեալ էր ի դասս դահճացն, եւ թէ Ղեւոնդեաններուն նահատակութեան համար որոշուած ջոկատին խառնուեցաւ, եւ օրապահներուն մէջ մտաւ հանդերձ գործիական տանջանարանօքն (ԵՂԻ. 125): Կ՚երեւի թէ վերջին անգամ դահիճներու աշխատակից ձեւանալը, անոնց դասակարգէն կարծեցուցած է վաճառական Խուժիկը: Դենշապուհ գիշերը քաղաքին մէջ հանգստացաւ, եւ սուրբեր աղօթից եւ տքնութեան պարապեցան, նախարարներ բաժանման վրայ կը մորմոքէին, իսկ եկեղեցականներ հոգեւորապէս կը քաջալերէին, իրենց մահը ու անոնց ազատութիւնը նախագուշակելով (ՓԱՐ. 90): Հազիւ թէ արշալոյսը կը մօտենար եւ ժամն էր հաւուն խօսելոյ (ՓԱՐ. 91), դարբիններ կը հասնէին, խարտել եւ կտրել եւ ի բաց հանել զերկաթսն ի ձեռաց եւ յոտից եւ ի պարանոցէ սրբոցն (ՓԱՐ. 91), բայց երկաթներուն հաստութեան եւ երկար ատենէ ժանգոտած լինելուն, եւ գործին ալ շտապողական լինելուն պատճառով, հազիւ թէ չարաչար կոտորելով եւ վիրաւորելով զմարմինս նոցա, կրնային գործը վերջացնել յերրորդ ժամ աւուրն (ՓԱՐ. 92): Դենշապուհ առջի գիշերուընէ Նիւշապուհի ականաւորները հաւաքած եւ սաստիկ հրաման տուած էր, որ Հայ մը թող չտան քաղաքէ ելնել, եւ իրենք ալ իր ետեւէն չգան: Երբոր ուղեւորներու կարաւանը կը կազմուէր, բանտարկեալներու ծառայողներէն շատեր, եւ յատկապէս Խորէն Որկովեցի եւ Աբրահամ Զենակեցի քահանաներ կը պատրաստուէին մէկտեղ երթալ, բայց Դենշապուհ կը հրամայէր բռնի ետ կեցնել, եւ ի վեցերորդ ժամու աւուրն, ինքն եւ իր երկու ընկերները, վեց եկեղեցականները եւ ջոկատ մը դահիճ զինուորներ, Նիւշապուհէն կը մեկնէին Վրկան գացող ճամբով (ՓԱՐ. 94): Խուժիկ կանխած էր ճամբայ ելել, տոկուն եւ ուժեղ գրաստներով պզտիկ կարաւան մը կազմած, եւ իբր թէ պատահմամբ Դենշապուհի կը մօտենար, եւ ինքզինք կրակապաշտ կեղծելով խօսակցութեան կը մտնէր, եւ դիպուածոց ու շրջակայից վրայ տեղեկութիւններ կու տար, այնպէս որ Դենշապուհ կարեւոր օգնական մը գտած կը կարծէր: Առաջ ըսած էր թէ եկեղեցականները ի Վրկան տանիմք եւ անտի արձակեմք, բայց երբոր Խուժիկը ճամբէն բաժնուելու եղաւ, պարտաւորուեցաւ յայտնել բուն նպատակը, եւ Խուժիկը ստիպել, որ իբր ջերմեռանդ կրակապաշտ մը կրակասպաններուն կորուստը տեսնէ եւ ուրախանայ: Խուժիկը իբր թէ զիջանելով յանձն կ՚առնու Դենշապուհի ընկերանալ, մինչեւ որ կը հասնին Ռեւան անուն գիւղ մը, Նիւշապուհէ 6 փարսախ հեռու, որ հին հաշուով վեց ժամուան ճամբայ, նման այժմեան տաճկական չափերուն` որ մէկ փարսախը կամ երեք մղոնը մէկ ժամուան ճամբայ կը համրէ: Նորէն երեկոյ եղած էր, ուստի կը պատրաստուին գիշերը Ռեւանի մէջ հանգստանալ. Խուժիկն ալ կը մնայ Դենշապուհի կարաւանին հետ: Այդ ամէնը կը կատարուէր հրոտից 24-ին կամ Յուլիսի 24-ին, Շաբաթ օր:

273. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐ

Կիրակին դեռ չէր լուսցած, երբ Դենշապուհ, եւ իր կարաւանը Ռեւանէ կ՚ելլէին գաղտնաբար, առանց մէկու մը տեղեկութիւն տալու: Փարսախ մը եւս, այսինքն ժամու մը չափ եւս կը հեռանան գիւղէն, եւ լուսնալու ատեն կը հասնին, քարուտ, առապարաձոր եւ աւազուտ տեղ մը, ուր ճանապարհ չկար որ մարդ անցնէր, դալար չկար որ արօտականներ գային: Այնտեղ Դենշապուհ, Ջնիկան եւ Մովան ատեան կը կազմեն, եւ սուրբերը դատաստանի կը քաշեն: Դենշապուհ գործը կ՚առաջարկէ ըսելով թէ, մէկ կամ երկու հոգիներու մահուան պատճառ եղողներն ալ մահապարտութեան արժանի են, մինչ անոնք այնչափ Հայերու կոտորուելուն պատճառ եղած էին, եւ թէ թագաւորը իրենց կեանքը կը շնորհէ, եւ բոլոր նախարարներն ալ կ՚արձակէ ու պատիւներնուն կը վերադարձնէ, բաւական է որ հաւանին քրիստոնէութիւնը թողուլ եւ զրադաշտական դենը ընդունիլ: Դենշապուհի ստիպումին վրայ Սահակ եպիսկոպոս անոր խօսքերը կը թարգմանէ, որուն կը պատասխանէ Յովսէփ կաթողիկոս, թէ անգամ մը Միհրներսէհի առջեւ իրենց միտքը յայտնած են, եւ փոփոխելու կամք չունին: Ասոր վրայ հարցուփորձը, ողոքանքը ու սպառնալիքը կը շարունակեն երկարօրէն, դատաւորներուն եւ երանելիներուն մէջ: Սահակ եպիսկոպոս թարգմանութիւն կ՚ընէ, Յովսէփ կաթողիկոս վճռական պատասխաններ կու տայ, Ղեւոնդ երէց վարդապետական կէտեր կը բացատրէ եւ իրենց ընթացքը կը ջատագովէ: Մուշէ եւ Արշէն քահանաներ եւ Քաջաջ սարկաւագ, իրենց համամիտ լինելը կը յայտնեն: Այդ խօսակցութիւնները քիչ տարբերութեամբ Փարպեցիէ եւ Եղիշէէ ալ յառաջ բերուած են, եւ հարկաւ Խուժիկի հաղորդած գլխաւոր իմաստներն են, զորս պատմագիրները ոճով մը գիրի առած են, իրարմէ քիչ տարբերութեամբ: Երբոր յորդորներ եւ սպառնալիքներ արդիւնք չունեցան, Դենշապուհ եւ ընկերները մահուան վճիռը գործադրել որոշեցին նախապէս տանջանքներն ալ փորձելով, թէ' իբր տկարացնելու միջոց, եւ թէ' չարալլուկ մահուամբ մեռցնելու եղանակ: Երկու պատմագիրները այդ մասին ալ իրարմէ տարբերութիւններ ունին. Փարպեցիի համեմատ, նախ Դենշապուհ սուսերով կը կտրէ Սահակի ուսը, յետոյ Յովսէփ կը գլխատուի, Ղեւոնդ մերկացուած քարաժայռերու վրայ կը քաշկռտուի, մինչ Մուշէ, Արշէն եւ Քաջաջ կը գլխատուին, վերջէն Ղեւոնդ, եւ ամենէն վերջը Սահակ ալ կը գլխատուին (ՓԱՐ. 100-101): Իսկ ըստ Եղիշէի նախ վեցին ալ ոտուըները եւ ձեռքերը կը կապեն, եւ երկայն պարաններով ապառաժներու վրայ կը քաշկռտեն (ԵՂԻ. 125), յետոյ Արշէնը կապկպելով կը պրկեն, ժամերով այնպէս կը պահեն ու կը գլխատեն (ԵՂԻ. 131): Վերջէն Դենշապուհ Սահակի ձախ ուսը կը կտրէ (ԵՂԻ. 131), անկէ ետքը, նախ Յովսէփը, յետոյ Մուշեղը եւ Քաջաջը եւ Ղեւոնդը, եւ ամենէն վերջը Սահակը կը գլխատեն (ԵՂԻ. 139): Յայսմաւուրքը աւելի Եղիշէի պատմութեան կը մօտենայ (ՅԱՍ. Բ. 55-56): Երկու պատմութեանց մէջ ալ կան ամենուն գլխատմամբ վկայած ըլլալը եւ Սահակի ուսին կտրուիլը, միայն Եղիշէի մէջ աւելի են ամենուն ալ քաշկռտուիլը եւ Արշէնի պրկուիլը: Տարբերութիւնը մասնաւոր պարագաներու վրայ է, որոնք կրնան յիշողութենէ վրիպիլ գիրի առած ժամանակ: Այդ եկեղեցական նահատակներուն խումբն է, որ Ղեւոնդեանց անունով տօնախմբուած եւ փառաբանուած է եկեղեցւոյ մէջ սկիզբէն ի վեր: Նահատակութեան օրը եղած է Յազկերտի 16-րդ տարին, որ է 454 հրոտից ամսոյ 25-ին, որ այն տարի պատասխանած է Յուլիս 25-ին, օրն ալ Կիրակի, ինչպէս Ասողիկ ալ կը յիշէ, հարկաւ աւանդութենէ առնելով (ԱՍՈ. 80): Օրինակներէն ոմանց մէջ հրոտից 27 ըսուիլը Ե եւ Է թուատառերու շփոթութեան յայտնի հետեւանք է, որովհետեւ տոմարական հաշիւներն են, որ թուականներու մասին վերջնական փաստ պիտի ըլլան:

274. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Ղեւոնդեանց խումբը տօնացոյցի մէջ քահանայից անունով կը յիշուի (ՏՕՆ. 33), թէպէտեւ ինը նահատակներէն մին կաթողիկոս, երկուքը եպիսկոպոս, երկուքը սարկաւագ, եւ չորսը միայն լոկ քահանաներ են: Այդ պարագային մէջ քահանայ անունը ամուսնաւոր եկեղեցականութեան հետ նոյնանշան առնւած է, եւ ինը մարտիրոսներն ալ այդ դասակարգին պատկանելնուն համար, ընդհանուր կերպով քահանայ կոչուած են, առանց աստիճանի տարբերութեան մտադրութիւն դարձնելու: Այդ խորհրդով է որ մինչեւ այսօր, Ղեւոնդեանց տօնը Հայ Եկեղեցւոյ ամուսնաւոր քահանայութեան յատուկ տօնախմբութեան օր ճանչցուած է: Աստիճաններուն մտադրութիւն դարձուած չըլլալուն հետեւանքն է, որ խումբին ալ անունը Ղեւոնդ քահանայէն առնուած է եւ ոչ Յովսէփ կաթողիկոսէն կամ Սահակ եպիսկոպոսէն: Ղեւոնդ Վանանդեցին Սահակի ամենէն հին աշակերտներէն էր, եւ նոյնիսկ աշակերտներուն մէջ գլխաւոր (ԽՈՐ. 253), որ ամէն պարագայի մէջ յառաջադէմ գործողներէն մէկն էր, եւ իր ընկերներուն վրայ հսկող, որ Սահակի վերջին տարիներուն մէջ իբր փոխանորդ անոր քով գտնուած էր, որ կեղծուրացներու դէմ շարժման մէջ առաջին դիմագրաւը եղած էր, որ Յովսէփի կաթողիկոսութեան անբաժին գործակիցն էր, եւ շնորհիւ իր զարգացման եւ ատենաբանելու յաջողակութեան` թէ' Աւարայրի բանակին մէջ, թէ' Տիզբոնի ատեանին առջեւ, եւ թէ Ռեւանի դատական հարցափորձին առթիւ, միշտ գլխաւոր խօսողն եղած էր: Մէկ խօսքով Ղեւոնդ կրնայ բոլոր այդ կրօնական շարժման հոգին ըսուիլ, եւ այդ պատճառով է որ իր անունով կոչուած են իր գործակիցները: Ղեւոնդ բնիկ էր Վանանդ գաւառի Իջաւանք գիւղէն, սակայն իր գործունէութեան ասպարէզը աւելի Բագրեւանդ գաւառի մէջ եղած է: Տարիքը 70-ը անցած պէտք է դնել, քանի որ գիրի գիւտին օրերը արդէն իբրեւ երէց կը յիշուի, եւ անկէ իբր 50 տարի ետքն է իր նահատակութիւնը: Յովսէփի մասին պէտք եղած տեղեկութիւնները տրուած են արդէն, իսկ տարիքին մասին 60-ի մօտ կրնանք ենթադրել զինքը, քանի որ Ղեւոնդ անոր համար Միհրներսէհի առջեւ կ՚ըսէր, թէ մանկագոյն քան զիս տեսանէք տիովք (ՓԱՐ. 79): Սահակ եպիսկոպոսի համար պարզապէս Ռշտունեաց ըսուիլը, առանց գաւառի եւ գիւղի (ՓԱՐ. 101, ԵՂԻ. 139) անոր նախարարական կամ ազնուական տունէ լինելը կը ցուցնէ: Հարկաւ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն եղած է, թէպէտ նախապէս անունը յիշուած չէ, իր գաւառին եպիսկոպոսն ալ եղած է, եւ կրակին պաշտամունքը ջնջած է իր վիճակին մէջ: Սահակի գլխաւոր արժանիքներուն մէջ յիշուած է քաջ պարսկագէտ ըլլալը, որով թէ' Միհրներսէհի եւ թէ' Դենշապուհի ատեաններուն մէջ երբեմն թարգմանի եւ երբեմն ամենուն կողմէն խօսողի դերերը վարած է: Տարիքով աւելի Ղեւոնդի քան Յովսէփի հասակակից եղած է, ինչպէս որ Յովսէփ ալ ըստ կարգի ալեաց քան զինքն նախապատիւ կը ճանչնայ Սահակը (ԵՂԻ. 132): Մուշեղ քահանային հայրենիքը եղած է Աղբակ գաւառը, իսկ պաշտօնը Արծրունի նախարարութեան մօտ, իբրեւ դրան երէց, կամ որ նոյն է իբր տաներէց նախարարական ազգատոհմին: Արծրունիք Մամիկոնեաններէն ետքը գլխաւոր դերը ունեցան կրօնական շարժման մէջ, եւ Ներշապուհ Աւարայրի բանակի կեդրոնին հրամանատարն էր: Ըստ այսմ Մուշեղ ալ գլխաւոր դեր վարած պիտի ըլլայ, սակայն ատրուշանի մը կործանումէն զատ, յատկապէս պատմուած յիշատակ մը չունինք: Թէպէտ յայտնի յիշուած չէ, բայց Մուշեղն ալ, Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն եղած պիտի ըլլայ, թէ ոչ առանց զարգացման Արծրունեաց հոգեւոր վարիչը չէր կրնար ըլլալ: Տարիքին վրայօք ալ տեղեկութիւն չունինք, բայց երիտասարդ մը եղած չէ: Անունը շատ անգամ Մուշէ ալ գրուած կը գտնենք, ինչպէս ուրիշ տեղեր ալ Մուշեղ անունը սղուելով Մուշէ եւ Մուշ եղած է, եւ պէտք չէ շփոթել բուն Մուշէ անունին հետ, որ Մովսէս անունին ասորահնչիւն ձեւն է: Արշէն ալ Արսէն անունի ասորահնչիւն ձեւն է, ինչպէս Եղիշէ` Եղիսէի եւ Շմուէլ` Սամուէլի: Արշէն երէցի ծննդավայրն է Բագրեւանդի Եղեգիկ գիւղը, եւ այն կողմերն ալ եղած պիտի ըլլայ քահանայական պաշտօնավարութիւնը, ինչպէս իր կալանաւորման պարագայէն ալ կը յայտնուի 258): Արշէնի համար գլխաւոր ըսուելիքը այն է, թէ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն եւ ուսեալ դասակարգէն չէր, այլ ի մէջ շինական մարդկան կեցեալ էր, եւ տգիտագոյն եւս էր ի գրոց մխիթարութենէ (ԵՂԻ. 119): Իր ընկերները ոչ միայն զինքը չէին անարգեր, այլ մանաւանդ առաւելագոյն պատիւներով քաջալերել եւ զօրացնել կ՚աշխատէին: Քաջաջ սարկաւագն ալ բնիկ Ռշտունի էր եւ Սահակ եպիսկոպոսի փոքրաւորը, բայց այդ դիրքին մէջ ալ յատուկ գործունէութիւն ցուցուցած էր, որ յատկապէս կալանաւորուելու եւ դատապարտուելու արժանի համարուեցաւ: Արշէնն ու Քաջաջը պէտք է միւսներէն երիտասարդագոյն եղած ըլլան: Այդ վեցերն եղան որ Ապար նահանգի Ռեւան գիւղէն փարսախ մը հեռու ժայռուտ եւ անբնակ տեղը նահատակուեցան, եւ յիշատակնին մանրամասնութեամբ հասած պիտի չըլլար, եթէ Խուժիկը ականատես եղած չըլլար: Ղեւոնդեանց խումբին հետ կը համրուին եւս Թաթիկ եպիսկոպոս եւ Սամուէլ քահանայ եւ Աբրահամ սարկաւագ, որոնց վկայութիւնը պատմեցինք արդէն, առաջինը Խուժաստանի եւ վերջինները Վատգետի մէջ 269): Ըստ այսմ ինն են Ղեւոնդեանց քահանայից խումբը կազմողներ, եւ տասներորդ կը լինի Նիւշապուհի հաւատացեալ մոգպետը, եթէ փարատուի Փարպեցիի լռութենէն ծագած կասկածը:

275. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՈՍԿՐՆԵՐԸ

Դենշապուհ իրեն եղած յանձնարարութիւնը աւարտած էր վեց սուրբերը մեռցնել տալով, կը մնար ոսկորներու պահպանութեան համար առած հրամանը, ուստի իր ջոկատէն ինն հոգի որոշեց, որ նոյնտեղ մնան, եւ մինչեւ տասն օր կամ աւելի ալ սպասեն, մինչեւ որ մարմինները քայքայուին եւ գիշակեր թռչուններէ փարատուին, եւ ոսկորներն ալ ցրուին: Խուժիկն ալ անոնց վրայ իբրեւ հսկող կը թողու, այնչափ մեծ եղած էր ասոր ազդած վստահութիւնը: Ինքն ալ Ջնիկանի ու Մովանի եւ զինուորներու ջոկատին հետ Ռեւան, անկէ ալ Նիւշապուհ կը դառնայ, որ երթայ Յազկերտի հաղորդէ ըրածները: Բայց Խուժիկի նպատակը բոլորովին տարբեր էր, նա կերպ մը կը փնտռէր մարտիրոսներուն ոսկորները ձեռք ձգելու: Կիրակիէ Երկուշաբթի գիշերը, ի նմին աւուր յերեկորեայ գիշերոյն, ահագին փայլակներ եւ կայծակներ եւ լուսաւոր երեւոյթներ տեղի կ՚ունենային, որպէս թէ երկիրը կը դողար եւ պահապանները ահուդողով կ՚անցնէին գիշերը եւ յաջորդ Երկուշաբթին: Երկրորդ գիշերն եւս միեւնոյն փոթորիկներ, որոտումներ եւ բոմբիւններ կը կրկնուէին. որոնց մասին Խուժիկը պահապաններուն միտքը շփոթելու կ՚աշխատէր, եւ դիտել կու տար թէ լինէր այս լոկ շուրջ զտեղեաւն իբրեւ ասպարիզօք երկուք: Պահապաններ ահուդողի մէջ ազատելու կերպ մը կը մտածէին, եւ երրորդ օրը զինն ժամու աւուրն, այսինքն է երեկոյեան դէմ, Խուժիկը փախչելու կը սկսէր, որպէսզի միւսները քաջալերէ, բայց ինքն ոլոր մոլոր ճամբաներով ետ կը մնար, մինչ պահակ զինուորները շիտակ մինչեւ Ռեւան, եւ միւս օր Նիւշապուհ կ՚երթային եղածը դատաւորներուն հաղորդելու (ՓԱՐ. 102): Դենշապուհ եւ իր ընկերները մտադրութեամբ մտիկ կ՚ընէին, եւ յաւուրն վեցերորդի ժողով կը գումարէին ինչ ընելիքնին որոշելու, եւ կը յաղթէր Դենշապուհի խորհուրդը չձանձունել եւ աղմուկ չհանել ոսկորներու մասին, եւ չմրցիլ քրիստոնեաներու գաղտնի զօրութեան դէմ: Խուժիկը այդ միջոցին իրեն տասը հատ քրիստոնեայ ընկերներ կը ճարէ, եւ դատաւորներուն ձեռընթափ լինելը ստուգելով, անոնց հետ սուրբերուն մարմինները երկու երեք փարսախ եւս հեռու կը տանի, ուր կ՚աշխատին ոսկորները միսերէն զատել: Միսերը թաղէին պատուով անդէն յանապատին, իսկ իւրաքանչիւրին ոսկորները զատ զատ պատելով կ՚ամփոփէին, եւ աւուրս եօթն եւս այնտեղ մնալէ ետքը, կամաց կամաց կուգային ի շահաստանն, որ է Նիւշապուհ, եւ այնտեղ աւուրս բազումս կը մնան առանց ումեք բան մը յայտնելու: Այդ միջոցին է որ Խուժիկ կամաց կամաց գործը մէջտեղ կը հանէ, նախ աքսորեալ նախարարներէն սկսելով, որոնց մի առ մի կը պատմէ եղելութիւնները, հարցափորձերը, տանջանքները գլխատումը, եւ իր ըրածները (ՓԱՐ. 103): Միանգամայն կը սկսի ոսկորներէն մասունքներ ցրուել, զորս նախարարներ ուրախութեամբ կ՚ընդունէին եւ կը պահէին, իբր երաշխաւորութիւն իրենց ազատութեան, ըստ բանի սրբոյ առն Աստուծոյ Ղեւոնդի (ՓԱՐ. 104): Այս պատմութիւններն են, որք բերնէ բերան շարունակ խօսուած են նախարարներէն, եւ իբրեւ օրական մաղթանք ընդ գուբղայս սաղմոսին կրկնուած, մանաւանդ Արշաւիր Կամսարական, տէր Արշարունեաց եւ Վարդանի փեսայ, բոլոր իր կեանքին մէջ կրկնած է, եւ մենք ալ անկէ լսելով ճշդութեամբ գրած ենք, կ՚ըսէ Փարպեցին, եւ ոչ բնաւ գտեալ անյուշք յապաղեալ մոռացանք ինչ ծուլանալով (ՓԱՐ. 105):

276. ՍԱՀԱԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՆԵՐ

Ղեւոնդի եւ Սահակի լրացած տարիքը բնական կերպով մտածել կու տայ, թէ մինչեւ անոնց նահատակութեան տարին Սահակի եւ Մեսրոպի աշակերտներէն շատեր ալ կամ արդէն վախճանած կամ ընթացքնին լրացուցած էին, որով յարմար կը սեպենք այստեղ համառօտակի քաղել, ինչ որ պատմութիւնը մեզի հասցուցած է Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան երիցագոյններուն վրայ: Բայց դժբախտաբար շատ քիչ մանրամասնութիւններ ունինք այս մասին: Սահակի կենաց ատեն, գործի վրայ եղողներ անոնք էին հարկաւ, ինչպէս Արտաշատի ժողովին եպիսկոպոսներուն ցուցակն ալ կը վկայէ 241): Սակայն Փարպեցի ասոնց շատերուն վերջէն հալածուած ըլլալը կը յիշէ, եւ կ՚երեւի թէ շատ երկար էր այդ ցուցակը: Ճիշդ այդտեղ երկու էջ ինկած է միակ բնագիրէն (ՓԱՐ. 202), որուն համեմատ հրատարակուած են տպագիրները, եւ այդ կորսուած հատուածին նախընթաց թերթը Մովսէսի, եւ հետեւորդը Տիրայրի հալածանքները կը յիշեն: Ինչ որ կը ցուցնէ թէ բոլոր պակսած մասը հալածուողներու շարք մըն էր, որոնց պատմութիւնը կը քաղէր Փարպեցին, ցաւելով թէ առաքելանման մարդիկն ընդէ՞ր խստագոյն վշտիւ վախճանեցան (ՓԱՐ. 201): Իսկ հալածանքը պէտք կ՚ըլլայ յետաձգել 452 թուականէն ետքը, երբոր նոր կաթողիկոսներու ատեն, բոլորովին նոր ընթացք մը սկսաւ, եւ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութիւնը անարգուեցաւ Վարդան-Ղեւոնդեան արկածներէն ետքը:

277. ԱՌԱՋԻՆ ՎԵՑԵՐԸ

Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան մէջ ամենէն առաջ յիշուածներն են Յովհան Եկեղեցացի եւ Յովսէփ Պաղնաց, որոնք Մեսրոպի աշխատակցեցան թերի այբուբէնի միջոցին, անոր ընկերացան Սամոսատի ուղեւորութեան մէջ, մօտը գտնուեցան գիրերուն վերջնական կազմակերպութեան ատեն 191): Նոյները կը յիշուին եւս Բիւզանդիա գացող աշակերտներուն մէջ 208), եւ անկէ ետքը պատմութեան մէջ չենք հանդիպիր անոնց անունով եւ մականունով յիշուելուն: Շահապիվանի ժողովին մէջ կան Յովսէփ եւ Յովհան երէցներ 228), առանց ուրիշ յաւելուածոյ, որ կրնան նոյնացուիլ, բայց Արտաշատի ժողովին մէջ ոչ Յովհան մը կայ եւ ոչ Յովսէփ մը, Հողոցմեցիէն զատ: Թովմաս պատմիչ Յովհան մը կը յիշէ Մոկաց եպիսկոպոս (ԱՐԾ. 82), եւ Կորիւն` Յովհան մը իբրեւ օգնական Հողոցմեցի Յովսէփի 233): Անհաւանական չէ որ նոյնիսկ Եկեղեցացին ըլլայ Մոկաց եպիսկոպոսը, բայց ոչ երբեք Հողոցմեցիին օգնականը: Վախճաննին չենք գիտեր, 451-ի պատահարներէն առաջ վախճանած են թերեւս, զի աշակերտներուն երիցագոյնները լինելով, հարկաւ ծերագոյններն ալ էին: Բիւզանդիա գացող վեցերէն է Եզնիկ Կողբացի 208), որ անկէ դառնալէ ետքը կը նշանակուի իբր յատուկ գործակից Սահակի` Ս. Գրոց թարգմանութեան վերջնական բաղդատութեան ատեն (ԿՈՐ. 34): Սա ինքն կը նոյնացուի Արտաշատի ժողովին ներկայ եղող Բագրեւանդի եպիսկպոսին հետ 241), եւ կ՚երեւի թէ անկէ ետքը շուտով վախճանած է: Եզնիկ հռչակաւոր է իր Եղծ աղանդոց գիրքովը, որ իմաստասիրական տեսակին մէջ միակ, եւ հայկաբանութեան տեսակէտէն գերազանց մատենագրութիւն ճանչցուած է: Հոգեւորական ճառեր ալ գրած կ՚ըսուի (ՉԱՄ. Ա. 536), բայց ծանօթ չեն: Վեցերէն մին ալ Կորիւն է 233), որուն ծննդավայրն անծանօթ մնացած է, եւ Սքանչելի մականունով կը ճանչցուի: Մեսրոպի աւելի մտերիմ ըլլալով, անոր պատմութիւնք գրած է Հողոցմեցիին հրամանով (ԿՈՐ. 8), եւ այս է անունովը մնացած միակ մատենագրութիւնը, տարբերեալ օրինակներով, ինչ որ կարեւոր նիւթ մըն է եղած մատենագրութեամբ զբաղողներուն: Ինքն իրեն համար կ՚ըսէ թէ Վրաստանի եպիսկոպոսներուն մէջ, իրեն համար ալ է եղեալ ի կարգ եպիսկոպոսութեան վիճակ (ԿՈՐ. 26), բայց թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր եւ որչա՞փ ատեն` չենք կրնար ճշդել: Արտաշատի ժողովին ներկաներէն չէ, որով հաւանաբար անկէ առաջ վախճանած է: Բիւզանդիա գացողներուն մէկն ալ Արձան Արծրունին է 241), որուն անունը անգամ մըն ալ կը յիշուի Ղեւոնդի վրայ ցոլացած լոյսին տեսիլքին առթիւ (ՓԱՐ. 70), բայց իր գործունէութեան վրայ բան մը չենք գիտեր, նոյնիսկ Արծրունեաց պատմիչին ալ անծանօթ մնացած է Արձանի անունը: Վեցերը լրացնելու համար նորէն յիշենք Ղեւոնդ Վանանդեցին, որուն պատմութիւնը երկարօրէն ըրինք, եւ որ իբր աշակերտաց գլխաւոր ճանչցուած էր ժամանակին (ԽՈՐ. 253):

278. ՄՆԱՑԵԱԼ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Զոյգ ընկերներ կը նշանակուին միշտ, Տիրայր Խորձենացի եւ Մուշէ Տարոնեցի, որք առաջին անգամ Մեսրոպի օգնական տրուեցան անկատար այբուբէնով աշխատելու համար (ՓԱՐ. 15), եւ գործին լրանալէն ետքը Մեսրոպի հետ հիւսիսային գաւառները ուսուցանելու գացին (ԿՈՐ. 24), եւ Վրաց լեզուին տառերն ալ կազմուելէն ետքը նոյն երկուքը այնտեղ ուսուցիչ մնացին Մեսրոպի գործը շարունակելու (ԽՈՐ. 248): Տիրայրի անունը երբեմն Տէր ալ գրուած է, իսկ Կորիւնի խօսքերէն այնպէս կ՚իմացուի, թէ Խորձենացիէն զատ ուրիշ Տէր մըն ալ կար` Կայէն կամ Կայենական գաւառի եպիսկոպոս, Սիւնեաց նահանգին մէջ (ԿՈՐ. 24): Վերոյիշեալ երկուքին գործերուն մասին ուրիշ տեղեկութիւն չունինք, եւ ոչ ալ իրենց անունով մատենագրութիւն մը: Արտաշատի ժողովին մէջ կը գտնենք Մուշէ մը Արծրունեաց եպիսկոպոս, բայց չենք կրնար վճռել թէ սոյն այս Տարոնեցին է: Իսկ Փարպեցիին գրածը, թէ զհրեշտականման այրն զՏէր, նոյն անհանգիստ հալածանօք վախճանեցուցին (ՓԱՐ. 202), դժուարութիւն չենք զգար Խորձենացիին պատշաճեցնել: Մեսրոպի հիւսիսային գաւառներու մէջ աշխատած ատեն, իրեն գործակիցներ եղած են Անանիա Սիւնի (ԽՈՐ. 248), որ Արտաշատի ժողովին ալ ներկայ եղած է` իբր եպիսկոպոս Սիւնեաց 241), Դանան Եկեղեցացի եւ Ենովք Սպերցի (ԿՈՐ. 30), Մուշեղ Բալասական (ԿՈՐ. 31), Յովնաթան Սիւնի, Բենիամին Աղուան (ԽՈՐ. 248), եւ Սամուէլ Տաշրացի (ԿՈՐ. 32), որոնց մասին աւելի տեղեկութիւն մը չենք գտներ պատմագիրներու մօտ: Գնիթ Դերջանցի, նոյն գաւառին եպիսկոպոս, ընկերակցած է Մեսրոպի եւ Վարդանի` պատգամաւորութեամբ Բիւզանդիա գացած ատենին 202): Տիրուկ Զարիշատցի յունական բաժնին մէջ աշխատած եւ Սահակը այնտեղ տանելու համար պատգամաւորութիւն կատարած է (ԽՈՐ. 266): Ասոնց ամենուն գործունէութեան եւ վախճանին մասին ուրիշ բան մը պիտի չկարենանք աւելցնել: Յատուկ յիշատակութեան արժանի է Աղան Արծրունի, Վասակ Արծրունիի որդին, զինուորական դասակարգի մէջ յառաջադէմ նախարարազուն մը, որ իր հօրը տգեղ գործերէն զզուած, աշխարհք թողլու եւ կրօնաւորելու համար Սահակին կը դիմէ` երբ այնինչ դեռ տէգ մօրուացն ի վերայ գեղեցկատեսիլ վարդափթիթ ծնօտիցն բուսանէր (ՓԱՐ. 5): Սահակ խորհուրդ կու տայ սպասել, մի գուցէ Վասակ` Պարսից թագաւորին մօտ նենգամիտ բանսարկութեան առիթ գտնէ (ԱՐԾ. 75): Աղան կը սպասէ, բայց միտքը չի փոխեր, եւ կրօնաւորական սքեմը կը զգենու Սահակին աքսորէ դառնալէն ետքը (ԱՐԾ. 80): Հօրն ու հօրեղբայրներուն հետ յունական գաւառներ ալ կ՚այցելէ, եւ նորէն Հայաստան դառնալով սրբութեամբ կը վախճանի եւ կը թաղուի Ադամակերտի վանքը (ՓԱՐ. 5 եւ ԱՐԾ. 91), Արծրունեաց գաւառին մէջ: Աղանի ուսումնական աշխատութեանց վրայ որոշ յիշատակներ չկան, սակայն նա ալ ընդհանրապէս թարգմանիչ աշակերտներուն կարգը կը դրուի: Սոյն կարգին մէջ յիշուելու է եւս Երեմիա, հաւանաբար նոյնինքն Երեմիա Վաղարշապատցի երէցը, որ Վարդանին ետեւէն ղրկուածներէն մին էր 248), եւ սարկաւագապետ կոչմամբ գտնուած է Սահակի մօտ անոր մահուան ատեն 221), եւ անշուշտ թարգմանիչ աշակերտ մըն էր: Անգամ մըն ալ յիշենք Յովսէփ Հողոցմեցին, Թաթիկ Բասենցին, Սահակ Ռշտունին եւ Մուշէ Աղբակեցին, Ղեւոնդեան մարտիրոսներուն թիւէն, որոնց Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն լինելը ակնարկեցինք իրեն կարգին 247): Մինչեւ հիմա յիշուած անունները, Սահակ-Մեսրոպեան խումբին առաջիններն ու երիցագոյններն են: Ասոնցմէ զատ կան խումբ մըն ալ, որք կրտսերագոյն անունով ճանչցուած են, եւ որոնց գործունէութիւնը անագան հրապարակ ելած է, մենք ալ իր կարգին կը թողունք անոնց վրայ խօսիլը: