Ս.
ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ
ՀԱՅՐԱՊԵՏ
36.
ԵՒՍԵԲԻՈՍԻ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ուր
որ
Արտազեան
յիշատակարանը
կը
լռէ,
ուրիշ
կողմէ
վկայութիւն
մը
զայն
կը
լրացնէ,
թէ
երրորդ
դարուն
մէջ
ալ
կը
շարունակէր
Հայոց
հայրապետներուն
յաջորդութիւնը
Արտազու
աթոռին
վրայ:
Եւսեբիոս
Կեսարացի
իր
պատմութեան
մէջ,
Աղեքսանդրիոյ
հայրապետ
Դիոնեսիոսի
թղթակցութիւնները
յառաջ
բերած
ատեն
կը
յիշէ,
թէ
գրեց
նոյնպէս
վասն
ապաշխարութեան
առ
այնոսիկ
որ
էին
ի
Հայաստան,
որոց
յայնժամ
եպիսկոպոս
էր
Մեհրուժան
(Mitrozane)
(ԵՒՍ.
517):
Այդ
կտորը
հնար
չէ
երբեք
Փոքր
Հայոց
վրայ
իմանալ,
ինչպէս
ոմանք
կարծեցին
(ՇԱՀ.
Ա.
158),
որովհետեւ
իբր
Փոքր
Հայոց
աթոռներ
պէտք
կ՚ըլլար
նկատել
Նիկոպոլսոյ,
Կեսարիոյ
եւ
Մելիտինոյ
մետրապոլտութիւնները,
որք
միշտ
իրենց
քաղաքին
անունով
կոչուած
են,
եւ
երբեք
Հայոց
եպիսկոպոս
կոչուած
չեն:
Նոյնիսկ
Եւսեբիոսի
բացարձակ
կերպով
Հայաստան
յիշելը,
այդ
անունով
կոչուած
Մեծ
Հայքը
կը
նշանակէ,
ինչպէս
որ
բոլոր
հին
հեղինակներու
մէջ
կը
կարդանք,
եւ
ոչ
երբէք
Փոքր
Հայքը,
որ
անագան
գործածուած
անուն
մըն
է`
Պոնտոսի
եւ
Կապադովկիոյ
մէկ
մասին
տրուած:
Նոյն
իսկ
Մեհրուժան,
զուտ
արեւելեան
անունը`
չի
պատշաճիր
բացարձակապէս
յունազգի
եւ
յունալեզու
եղող
Նիկոպոլսոյ
ու
Կեսարիոյ
ու
Մելիտինոյ
աթոռներուն,
այլ
կը
ցուցնէ
թէ
նա
Մեծ
Հայոց
մէջ
պաշտօնավարող
հայազգի
եպիսկոպոս
մըն
է:
Իսկ
Հայաստանի
աթոռն
ալ,
Արտազէն
զատ
ուրիշ
տեղ
մը
ենթադրելու
նշան
չունինք,
որով
երրորդ
դարուն
մէջ
Արտազի
աթոռին
յաջորդութեան
շարունակած
լինելը
կ՚ապացուցուի:
Նոյնիսկ
Եւսեբիոսի
գործածած
են.
որոց
յայնժամ
եպիսկոպոս
էրբացատրութիւնը
լռելեայն
կերպով
կ՚արտայայտէ,
թէ
Մեհրուժան
Հայ
ազգութեան
կը
պատկանէր,
եւ
հինէն
հաստատուած
եւ
շարունակուած
աթոռի
մը
եպիսկոպոսն
էր,
որ
նորէն
Արտազու
աթոռին
կանոնաւոր
յաջորդութիւնը
կը
հաւաստէ:
Ի
դէպ
է
յիշեալ
եւս
Մեհրուժան
անունին
Արծրունեաց
տոհմին
սեփական
անուն
մը
ըլլալը,
որ
նորէն
մեր
միտքը
Վասպուրականի
եւ
Արտազի
վրայ
կը
տանի`
Մեհրուժանի
աթոռը
փնտռած
ատեննիս:
Իսկ
Աղեքսանդրիոյ
հայրապետութեան
հետ
յարաբերութեան
մէջ
գտնուիլը,
եւ
անկելոց
մասին
յուզուած
վիճաբանութեան
մասնակցած
լինելը
կը
ցուցնեն,
թէ
Հայոց
հայրապետութիւնը
անծանօթ
եւ
անկարեւոր
դիրք
մը
չունէր,
այլ
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
գործերուն
կը
մասնակցէր:
37.
ՄԵՀՐՈՒԺԱՆԻ
ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Մեհրուժան
հայրապետի
ժամանակը
ճշդելու
համար
նախապէս
պէտք
է
դիտել
թէ
Դիոնեսիոս
հայրապետ
Աղեքսանդրիոյ,
որ
Մեհրուժանին
գրած
է,
248-ին
ընտրուեցաւ
եւ
264-ին
վախճանեցաւ,
եւ
միջանկեալ
16
տարիներու
մէջ
կը
պարփակուի
անոր
հայրապետութիւնը:
Իսկ
Անկելոց
խնդիր
ըսուածը,
որ
Ապաշխարութեան
խնդիր
ալ
կը
կոչուի,
առիթ
առած
էր
Դեկոսի
հալածանքին
սաստկութենէն,
յորում
շատեր
տկարացած
էին
եւ
կուռքերու
զոհած,
եւ
եկեղեցւոյ
մէջ
մեծ
խնդիր
էր
եղած
զանոնք
ապաշխարութեան
ընդունիլ
կամ
ոչ:
Դիոնեսիոս
Աղեքսանդրացի
գլխաւոր
պաշտպանն
էր
ապաշխարող
անկելոց,
եւ
այդ
իմաստով
ամէն
կողմ
թուղթեր
կը
գրէր.
անոնցմէ
մէկն
է
Հայոց
եպիսկոպոսին
ալ
գրած
նամակը:
Արդ
Դեկոսի
հալածանքը
սկսաւ
249-ին,
որ
շատ
թուլցաւ
Գաղղոսի
ատեն
251-ին,
եւ
այն
ատեն
սկսաւ
անկելոց
խնդիրը,
որ
բաւական
ալ
տեւեց,
որով
այդ
միջոցներուն
պէտք
է
գրուի
Դիոնեսիոսի
նամակը:
Եթէ
Եւսեբիոսի
խօսքերուն
մէջ
պատմական
կարգ
մըն
ալ
դնել
ուզենք,
կրնանք
դիտել
որ
Մեհրուժանի
գրած
նամակը
յիշուած
է,
Թելիմիտրէս
Լաւադիկեցւոյն
գրածէն
ետքը,
եւ
Կուռնելիոս
Հռոմայեցւոյն
գրածէն
առաջ
(ԵՒՍ.
517):
Արդ,
Թելիմիտրէս
256-ին
արդէն
մեռած
էր,
վասնզի
նոյն
թուականին
կը
յիշուի
Հեզիոդոր
յետ
Թելիմիտրեայ
ի
Լաւադիկէ
եպիսկոպոս
(ԵՒՍ.
528):
Իսկ
Կուռնելիոս
Հռոմի
հայրապետ
ընտրուած
է
254-ին,
ուրեմն
Մեհրուժանի
նամակը
գրուած
է
253-255
տարիներուն
միջոցին,
որ
ատեն
Մեհրուժան
արդէն
պաշտօնի
վրայ
պէտք
է
ըլլայ:
Իսկ
թէ
երբ
սկսաւ
եւ
երբ
վերջացաւ
անոր
հայրապետութիւնը`
բնաւ
յիշատակութիւն
մը
չունինք,
բայց
մեզի
կը
բաւէ
ցուցնել
թէ
երրորդ
դարու
կէսին
նշանաւոր
անձ
մը
կը
գտնուէր
Հայոց
հայրապետական
աթոռին
վրայ,
որ
եւ
համառօտ
ու
վաղանցուկ
պաշտօնավարութիւն
մը
ունեցած
պիտի
չըլլայ,
եթէ
ծանուցուած
եւ
հռչակուած
էր
նոյնիսկ
հեռաւոր
Եգիպտոսի
մէջ:
Իսկ
ապաշխարութեան
խնդիրին
Հայոց
համար
ալ
կարեւորութիւն
ունեցած
լինելը
կը
ցուցնէ,
թէ
Խոսրովի
հալածանքին
հետեւանօք
անկելոց
խումբ
մը
գտնուած
է
Հայոց
մէջ,
եւ
խնդրոյ
նիւթ
եղած
է
անոնց
ապաշխարութիւնը:
Մեհրուժանի
վախճանին
համար
սովորական
ցուցակն
ըսած
է,
թէ
նահատակեցաւ
ի
Մեծէն
Խոսրովայ
յարքայէն
Հայոց
յամի
248
(ԺԱՄ.
614),
սակայն
հին
յիշատակներու
մէջ
ասանկ
ակնարկ
մը
չկայ,
եւ
մենք
արդէն
դիտեցինք
թէ
Մեհրուժան
կենդանի
էր
253-255
տարիներու
միջոցին,
որ
ատեն
Խոսրով
արդէն
ըսպաննուած
էր:
38.
ՏՐԴԱՏԻ
ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐԸ
Մեհրուժանի
անունէն
ետքը
այլեւս
յիշատակ
չունինք
Արտազ
նստող
հայրապետներուն
վրայ,
եւ
եթէ
Մեհրուժանի
ժամանակը
մինչեւ
երրորդ
դարուն
երրորդ
քառորդն
ալ
տարածենք,
տակաւին
բաւական
բաց
մը
կը
մնայ,
մինչեւ
չորրորդ
դարուն
սկիզբը,
մինչեւ
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորչի
հայրապետ
ձեռնադրուիլը:
Այդ
միջոցին
համար
ալ,
միեւնոյն
պատմական
իմաստասիրութեամբ,
հնար
չէ
ըսել`
թէ
մինչեւ
այն
ատեն
գտնուող
քրիստոնէութիւնը
մէկէն
ոչնչացած
ըլլայ:
Միւս
կողմէն
ունինք
բաւական
յայտնի
նշաններ
ալ
որ
քրիստոնէութեան
գոյութիւնը
կ՚ապացուցանեն:
Ժամանակագրական
ճշդութեամբ
պէտք
էր
որ
այստեղ
Լուսաւորչի
պատմութեան
սկսէինք,
քանի
որ
անոր
ծնունդը
239-ին
տեղի
ունեցած
է,
բայց
մենք
սուրբին
վերաբերեալ
տեղեկութիւնները
իրեն
գլխուն
թողլով,
յիշենք
միայն
այն
պարագաները,
որոնք
Հայ
քրիստոնէութեան
գոյութիւնը
կը
հաստատեն:
Այդ
երրորդ
դարուն
վերջին
քառորդին
մէջ
տեղի
ունեցան
Տրդատի
վերստին
իր
գահը
դառնալը
Հռոմայեցւոց
օգնութեամբ,
եւ
Գրիգորի
քրիստոնէութեան
յայտնուիլը:
Այդ
առթիւ
Տրդատ
նախ
հրովարտակ
մը
արձակած
է
287-ին,
որպէսզի
Հայաստանի
մէջ
գտնուող
քրիստոնեաներ,
կապեալ
ոտիւք
եւ
կապեալ
ձեռօք
եւ
կապեալ
պարանոցաւ
ի
դուռն
արքունի
ածցին,
եւ
բոլոր
անոնց
ինչքերը
գրաւուին
եւ
լուր
տուողներուն
տրուին
(ԱԳԹ.
76):
Անոր
ետեւէն
երկրորդ
հրովարտակ
մըն
ալ
հանած
է
մահապարտութիւն
սպառնալով
անոնց`
որ
քրիստոնեաները
չյայտնեն
կամ
թէ
թողուն
շարունակել
(ԱԳԹ.
77):
Արդ,
եթէ
երկրին
մէջ
քրիստոնէութիւնը
հաստատուած
եւ
կարեւոր
դիրք
ստացած
չըլլար,
այդչափ
խստութեանց
պէտք
տեսնուած
չէր
ըլլար:
Աւելորդ
չլինի
կրկնել
ինչ
որ
վերեւ
ալ
յառաջ
բերինք
(§
34)
Արտազեան
յիշատակարանէն,
որ
կը
վկայէ,
թէ
ի
ժամանակս
սրբոյն
Գրիգորի
Պարթեւի
լեալ
իցէ
քրիստոնէութիւն,
ըստ
նմին
եւ
տեսուչ
եկեղեցւոյ
ի
թաքուն
եւ
ի
խաւարչուտ
տեղւոջ
(68
ԱՐՐ.
103):
Մեր
միտքը
աւելի
ճշդելու
համար
հարկ
կը
սեպենք
յայտնել
թէ
Հայոց
քրիստոնէութեան
իբր
փաստ
չենք
յիշեր
այն
յիշատակները`
որոնք
կը
վերաբերին
Նիկոպոլսոյ,
Կեսարիոյ
եւ
Մելիտինիոյ
գաւառներուն,
ոչ
ալ
այդ
վիճակներուն
մէջ
նահատակուած
մարտիրոսները
կը
յիշենք,
թէպէտեւ
անոնք
ոմանց
կողմէ
իբրեւ
հայ
յիշատակուած
են
(ԱՐՇ.
75-91),
որովհետեւ
մեր
նպատակն
է
բուն
Հայ
աթոռին
վրայ
ամփոփել
խօսքերնիս,
քաջ
գիտնալով
որ
վերոյիշեալ
վիճակները
Պոնտոսի
եքսարքութեան
մէջ
կը
գտնուէին
եւ
Հայոց
հայրապետութեան
ներքեւ
չէին:
39.
ԹԷՈԴՈՐՈՍ
ՍԱԼԱՀՈՒՆԻ
Գեղեցիկ
յիշատակ
մը
ունինք
սոյն
միջոցին
Հայ
քրիստոնէութեան
աւանդութիւններուն
մէջ,
որ
Յայսմաւուրքին
մէջ
ալ
անցած
է
(ՅԱՍ.
Ա.
211):
Սուրէն
նախարար
Սալահունի,
որ
կը
բնակէր
Դերջանի
արեւելակողմը
Սուրէն
կամ
Սուրէնաշէն
աւանին
մէջ
(այժմ
Զուրուն
գիւղ),
Աթենադորոս
անունով
15
տարեկան
տղայ
մը
ունէր,
ցաւագար:
Մայրն
Աղուիթա,
բարեգործ
կին
մը,
որդւոյն
առողջութեան
դիտմամբ
զանազան
ողորմածութեան
գործեր
կը
կատարէր,
մինչեւ
իսկ
անտէրունջ
ցաւագարներու
հիւանդանոց
մըն
ալ
կազմած
էր:
Այնտեղ
պատսպարուողներուն
մէջ
գտնուեցաւ
Դասիոս
անուն
քահանայ
մըն
ալ,
որ
լռելեայն
քարոզութիւններով
հետեւողներ
ալ
շահեցաւ:
Լուսաւորիչի
Երզնկայէն
Արտաշատ
տարուած
ատենը,
Դասիոս
եւ
ուրիշներ
դիմաւորեցին
եւ
բժշկութիւններ
ալ
ունեցան,
Աղուիթա
տարաւ
տղան
ալ
եւ
Աթենադորոս
բժշկութեան
արժանացաւ:
Ասոր
վրայ
մայր
ու
զաւակ
Դասիոսէ
մկրտուեցան
եւ
Աթենադորոսը
Թէոդորոս
կոչուեցաւ:
Բայց
Սուրէն
անոնց
չհետեւեցաւ,
մանաւանդ
Տրդատի
հրովարտակին
հնազանդելով
հալածելն
ալ
պարտք
սեպեց:
Տղուն
վրայ
սաստկապէս
բռնացաւ,
նեղութիւններ
ալ
տուաւ,
մինչեւ
որ
տղան
տունէն
հեռանալով
Սեղեմնուտի
ձորին
մէջ
պահուըտեցաւ:
Հայրը
զայրացկոտ
ետեւէն
ինկաւ,
եւ
հազիւ
եօթներորդ
օրը
զայն
գտաւ,
եւ
չկրնալով
համոզել,
իր
ձեռքով
ծառի
մը
ներքեւ
զաւակը
խողխողեց
(9):
Դասիոս
թաղեց
նոյն
տեղ
Ս.
Թէոդորոսի
մարմինը,
եւ
անոր
հսկեց
Աղուիթայի
հետ,
մինչեւ
որ
քրիստոնէութեան
հռչակուելէն
ետքը
վրան
մատուռ
մը
շինուեցաւ,
որուն
գաւիթին
մէջ
թաղուեցան
յետոյ
Դասիոս
եւ
Աղուիթա:
Մատուռին
քով
շինուեցաւ
ժամանակին
Գորոփու
Ս.
Թէոդորոս
վանքը,
որ
այժմ
ճանչցուած
է
Սըրըքլը
Ս.
Թորոս
անունով,
Դերջանի
Դըւնիկ
գիւղին
մօտերը,
ուր
կը
ցուցուին
տակաւին
երեք
գերեզմանները,
եւ
ձող
մըն
ալ
իբր
մասունք
կը
պատուուի`
սրբոյն
նահատակութեան
ծառին
իբր
յիշատակ:
Եղելութեան
թուականը
մերձաւորաբար
պէտք
է
դնել
288
Մայիս
11-ին:
40.
ՍՈՒԿԱՒԷՏԻ
ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Այս
միջոցին
տեղի
ունեցած
նահատակութեանց
աւանդութիւնները
լրացնելու
համար,
պէտք
է
յիշենք
ինչ
որ
վերագոյնդ
(§
26)
ակնարկեցինք
Սուկաւէտի
մարտիրոսներուն
վրայ:
Վկայաբանութիւնը
իբր
ժամանակագրական
նշան
ցոյց
կու
տայ
Պարսից
Շապուհին
թագաւորելը,
Հայոց
Խոսրովին
սպանուիլը,
Պարսից
բանակին
Հայաստան
արշաւելը
եւ
նորէն
իր
երկիրը
դառնալը
(ՍՈՓ.
ԺԹ.
34),
որք
երրորդ
դարուն
վերջերը
տեղի
ունեցան:
Իբրեւ
ասոնց
մերձաւոր
մի
եղելութիւն
կը
խօսուի
Սուքիասանց
գլխաւորին
բերնով,
թէ
եկեսցէ
այլ
մշակ
զօրագոյն
քան
զմեզ,
նա
կործանեսցէ
Բագուանայ
բագինը,
ակնարկելով
Լուսաւորչին
(ՍՈՓ.
ԺԹ.
38):
Ասոնց
վրայ
աւելցնելով
վկայարաններէն
ոմանց
վկայից
թիւը
մինչեւ
364
բարձրացնելը,
յարմարագոյն
կը
սեպենք
ըսել,
թէ
նախապէս
Սուկաւէտի
վրայ
նահատակուած
17
մարտիրոսներէն
զատ,
Տրդատի
հրովարտակին
վրայ
նոր
խումբ
մըն
ալ
նահատակուեցաւ
նոյն
Սուկաւէտի
վրայ,
ուր
քրիստոնեաներ
փախած
ու
առանձնացած
էին,
հոն
գտնուող
ճգնաւորներուն
մօտ,
եւ
որք
տեղւոյն
նույնութենէն
Սուքիասանց
անունով
ճանչուեցան:
41.
ՆԱԽԱԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ
ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Հայոց
եկեղեցւոյ
առաքելական
սկզբնաւորութեան,
եւ
առաջին
երեք
դարերու
մէջ
անընդհատ
շարունակութեան
պատմութիւնը
կը
փակենք
այստեղ:
Ազգային
հին
մատենագիրներ
փոյթ
չեն
ունեցած
այդ
շարունակութեան
խնդրով
զբաղիլ,
թէպէտ
ընդարձակօրէն
խօսած
են
սկզբնաւորութեան
վրայ:
Առաջին
Լուսաւորիչները
եւ
Երկրորդ
Լուսաւորիչը
գրաւած
են
բոլոր
իրենց
ուշադրութիւնը,
եւ
բաւական
սեպած
են
անոնցմով
միայն
ջատագովել
իրենց
եկեղեցւոյն
առաքելականութիւնը:
Կարծես
թէ
Առաքեալներ
եւ
Գրիգոր
իրարու
անմիջապէս
յաջորդած
ըլլային,
Պօղոսի
Երեքտասաներորդ
առաքեալ
կոչուելուն
նման,
Չորեքտասաներորդ
առաքեալ
կոչած
են
Գրիգորը,
եւ
այնպէս
ալ
ընդունած
են
եկեղեցւոյ
հիմնարկէքի
արարողութեան
մէջ
(ՄԱՇ.
158):
Սակայն
պետք
էր
որ
առաջին
դարուն
սկիզբներէն
մինչեւ
երրորդին
վերջերը
եղող
միջոցն
ալ
իմաստասիրուէր,
որպէսզի
կապակցութիւնն
ու
շարունակութիւնը
արդարանար,
եւ
Հայոց
առաքելական
քարոզութեան
ջնջուելուն,
եւ
Գրիգորով
նորինորոյ
սկսելուն
բարուրանքը
հերքուէր:
Այդ
կէտը
մենք
շատոնց,
մեր
առաջին
ուսուցչութեան
ժամանակներէն
սկսելով,
յատուկ
ուսումնասիրութեան
առարկայ
ըրած
էինք,
եւ
ցրիւ
յիշատակները
ամփոփելու
աշխատած,
ինչպէս
նախընթաց
գլուխներու
մէջ,
առջեւ
բերինք:
Հայրապետաց
շարունակութիւնը,
մարտիրոսաց
նահատակութիւնը,
հալածանքներու
պատմութիւնը,
եւ
հնաւանդ
յիշատակները
իրարու
կը
համաձայնին
եւ
իրար
լրացնելով,
Հայաստանի
մէջ
քրիստոնէութեան
օրինաւոր
եւ
կանոնաւոր
շարունակութիւնը
կը
հաւաստեն:
Իսկ
եթէ
կը
գտնուին
արմատական
քննադատներ,
որոնք
աւելի
հաստատուն
փաստեր
կը
պահանջեն,
մենք
կը
բաւականանանք
պատասխանել,
թէ
եկեղեցւոյ
առաջին
դարերուն
պատմութիւնը,
ամէն
աթոռներու
համար
ալ
նմանօրինակ
դժուարութեանց
ենթարկեալ
է,
եւ
եթէ
հաւանական
աւանդութիւններ
ուրիշներու
համար
բաւական
եւ
բաւարար
կը
սեպուին,
մեզի
ալ
ներեալ
պիտի
ըլլայ
օգտուիլ
այդպիսի
աւանդական
եւ
հաւանական
յիշատակներէ,
որպիսիներով
կ՚օգտուին
ինքզինքնին
առաքելական
հռչակող
աթոռներ:
42.
ՄԵՐ
ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մինչեւ
հիմա
մեր
առաջ
բերած
պատմութիւնը,
թէ
ոչ
հիմնապէս
նոր,
սակայն
կրնայ
իբրեւ
նոր
ամփոփում
մը
կամ
հիւսուած
մը
նկատուիլ,
աւելի
ազգային
յիշատակներէ
քաղուած,
եւ
ինչ
ինչ
օտար
յիշատակներով
զօրացած:
Մեզի
անծանօթ
չեն
նորերէն
շատերուն
Հայոց
առաքելական
եկեղեցին
եւ
Հայոց
առաքելական
քրիստոնէութիւնը
ուրանալու
մարմաջը,
բացարձակապէս
անարգելով
ինչ
որ
ազգային
եւ
ներքին
աւանդութիւն
է,
եւ
կուրօրէն
յարգելով
ինչ
որ
օտար
եւ
արտաքին
է:
Մինչեւ
աստիճան
մը
կրնանք
իմանալ
Յոյն
եւ
Լատին
հեղինակներու
հոգին,
որոնք
առաքելականութիւնը
իբրեւ
իրենց
բացարձակ
սեփականութիւն
կ՚ուզեն
պաշտպանել,
եւ
բոլոր
ուրիշ
եկեղեցիները
իրենցմէ
բխած
եւ
իրենցմէ
կազմուած
ցուցնել:
Բայց
չենք
իմանար
որ
ազգային
եկեղեցւոյ
զաւակներ
ալ
գտնուին,
որ
օտարազգի
աւանդութեանց
կրթնելով
ազգայինները
տկարացնելու
զիջանին:
Աւանդութեանց
մասին
ընկալեալ
տրամաբանական
կանոն
է,
ներքինը
արտաքինին
եւ
բնիկը
օտարին
նախադասել,
որովհետեւ
աւելի
ճիշդ
եւ
աւելի
ուղիղ
կ՚ենթադրուի
տեղւոյն
վրայ
պահուած
լուրը,
կամ
հեռուներ
ցրուած
զրոյցը:
Աւանդութեանց
մէջ
ժամանակը
փոփոխութիւններ
կը
ներմուծէ,
պարագաներ
կ՚աւելցնէ,
հրաշալիքներ
կը
ստեղծէ,
բայց
հիմնական
եղելութիւնը
անոնցմով
չի
խախտուիր,
որով
էութիւնը
պարագաներուն
զոհելը
իրաւացի
չ՚ըլլար:
Անոր
համար
մենք
ալ
յառաջ
բերուած
աւանդութիւնները
բոլոր
իրենց
պարագաներէն
եւ
հրաշալիքներէն
մերկացուցինք,
ինչպէս
որ
պատմական
դրութիւնը
կը
պահանջէ:
Անիմանալի
կը
դառնայ
մեզի
համար
այնպիսիներուն
ալ
կարծիքը,
որ
Հայոց
առաքելաքարոզ
քրիստոնէութիւնը
ուրանալու
չհամարձակելով,
առաքելական
յաջորդութիւնը
կ՚ուրանան,
եւ
կը
կարծեն
թէ
Թադէոսով
կամ
Բարթողիմէոսով
սկսած
ու
վերջացած
քրիստոնէութիւնը,
կատարելապէս
առաքելական
կարենայ
ըսուիլ,
երբ
երկուքուկէս
դար
ետքը
յանկարծ
կը
վերընձիւղի
Գրիգորով
մը,
կամ
անկէ
առաջ
Եդեսիայէն
եկած
աղանդաւոր
Ասորիով
մը:
Նոյնիսկ
ամենէն
հաստարմատ
ծառը`
իր
բունը
կտրուելէն
200
կամ
250
տարի
ետքը
վերստին
ընձիւղ
չ՚արձակեր:
43.
ՏԱՐԲԵՐ
ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մեր
նպատակէն
դուրս
ըլլալով
բանավէճերու
մտնել,
պէտք
չենք
տեսներ
Հայոց
քրիստոնէութիւնը
մեկնելու
համար
ուրիշներէն
կազմուած
ենթադրութիւնները
յառաջ
բերել,
եւ
ցուցնել
թէ
կեղակարծ
մեկնութեանց
եւ
հեռու
տեղերէ`
մինչեւ
իսկ
Եգիպտոսէ
եւ
Արաբիայէ
մուրացուած
զրոյցներու
վրայ
հիմնուած
են,
եւ
թէ
իրարու
հակասող
պարագաներ
կը
պարունակեն:
Եթէ
երկրորդ
դարուն
կէսին
քրիստոնէութիւն
ընդունող
Աբգարի
մը`
առաջին
դարուն
ապրող
Աբգարի
մը
հետ
շփոթուած
ըլլալը
ընդունինք
ալ,
տակաւին
առաքելաքարոզ
քրիստոնէութեան
ճշմարտութիւնը
հաստատող
եւ
անկէ
անկախ
աւանդութիւններ
կան.
մենք
ալ
այս
կերպով
կազմեցինք
մեր
պատմութիւնը:
Եթէ
Եդեսիոյ
դպրոցը
կրցաւ
ազդեցութիւն
մը
ունենալ
Հայաստանի
հարաւային
նահանգներուն
վրայ,
այդ
ըսել
չ՚ըլլար
թէ
ինքն
առաջին
անգամ
քրիստոնէութիւնը
ներմուծեց:
Եթէ
ընդունինք
ալ
թէ
Բարդածան`
յԵդեսիոյ
Հայաստան
եկաւ,
որպէս
զի
աշակերտել
զոք
կարասցէ
ի
խուժ
հեթանոսաց
(ԽՈՐ.
146),
բնաւ
պէտք
չ՚ըլլար
ըսել
թէ
առաքեալներ
չեկան,
կամ
թէ
երբոր
նա
եկաւ
քրիստոնէութիւնը
ջնջուած
էր:
Մենք
ոչ
թէ
նախալուսաւորչեան
դարերու
համար,
այլեւ
յետլուսաւորչեան
ժամանակներու
համար
ալ
մտադիւր
կ՚ընդունինք,
թէ
Եդեսիոյ
եւ
Կեսարիոյ
դպրոցները
մեծ
ազդեցութիւն
ունեցան
Հայոց
քրիստոնէութեան
վրայ,
եւ
մինչեւ
աստիճան
մը
իրարու
մրցակիցներ
եղան
իրենց
ազդեցութիւնը
Հայաստան
տարածելու
մէջ:
Ասիկա
հետեւանք
էր
մէկ
կողմէ
Ոսրոյենիոյ
եւ
Կապադովկիոյ
ուսումնական
առաւելութեանց,
եւ
միւս
կողմէ
Հայաստանի
այդ
մասին
նուազութեան.
սակայն
այդ
ենթադրութիւնն
ալ
աւելի
պատրաստ
գետնի
վրայ
աշխատութեան
կը
տանի,
եւ
ոչ
նոր
գետին
ստեղծելու:
Ինչպէս
ըսինք,
միտք
չունենալով
մերինէն
տարբեր
դրութիւնները
մի
առ
մի
առաջ
բերել,
զանոնք
վերլուծել,
տկար
կողմերնին
բացատրել,
եւ
պարզ
կարծիքներ
ըլլալնին
ցուցնել,
բաւական
կը
սեպենք
ըսել,
թէ
անոնք
իրար
կը
հակասեն,
եւ
մեզի
հերքելու
տեղի
չեն
թողուր,
զի
մէկուն
հաստատածը
միւսէն
անհիմն
կը
դատուի:
Ամէնքն
ալ
ազգային
աւանդութիւնները
կանխակալ
կերպով
մերժել
կը
սկսին,
որ
մեզի
համար
ուղիղ
եւ
արդարացեալ
սկզբունք
չէ:
Իսկ
եթէ
ամէն
դրութիւններն
ալ
պարզապէս
հաւանական
են,
եւ
ստուգութիւնը
վճռել
անհնար
է`
պիտի
ըսուի
աղբիւրներու
նուազութեան
եւ
անբաւականութեան
պատճառով,
նորէն
նախադասութիւնը
ազգային
աւանդութեան
տալը
թէ'
իրաւացի
է,
եւ
թէ
տրամաբանական,
եւ
մենք
ալ
ըստ
այնմ
կազմեցինք
մեր
նախալուսաւորչեան
պատմութիւնը: