Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՊԵՏՐՈՍ Ա. ԳԵՏԱԴԱՐՁ

819. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Պետրոս եղաւ այն անձը, որուն վրայ Սարգիս կաթողիկոս եւ Գագիկ թագաւոր իրենց մտադրութիւնը հաստատեցին, հայրապետական աթոռին արժանաւոր յաջորդ մը տալու համար: Ժողովրդական ընտրութեան յիշատակութիւն կը պակսի, բայց առանց եպիսկոպոսական ժողովին համաձայնութեան չէին կրնար լրանալ, ոչ կաթողիկոսի մը քաշուիլը, եւ ոչ կաթողիկոսի մը օծուիլը, հետեւապէս ժողովական գործակցութիւնը անհրաժեշտաբար տեղի ունեցած կ՚ըլլայ: Պետրոսի նախընթացը պատմուած չէ, ծննդավայրն ալ նշանակուած չէ, եւ ծագումէ առնուած մակդիր անուն ալ ունեցած չէ: Բայց ընդհանրապէս ընդունուած է իբրեւ Խաչիկ Արշարունիի եղբայրը, եւ իբր Անանիա Մոկացիի քեռորդի, թէպէտեւ հիներէն ամէնը այդ ազգակցութիւնը չեն յիշեր: Միւս կողմէ Խաչիկի ընտրութիւնը 973-ին, եւ Պետրոսի ընտրութիւնը 1019-ին դնելով, եւ երկուքն ալ հասուն տարիքի մէջ ընտրուած գիտնալով, մօտ յիսուն տարիներու տարբերութիւն պէտք կ՚ըլլայ ընդունիլ երկու եղբայրներու մէջ, որ սովորական եւ դիւրաւ ընդունելի չէ, եւ աւելի հաւանական կ՚ըլլար ըսել, թէ Պետրոս Խաչիկի եղբօրորդին էր: Ամէն առթի մէջ կաթողիկոսներու եւ կաթողիկոսարանի մերձաւոր մըն էր, որ կարող անձերու հովանաւորութեան ներքեւ կանոնաւոր ուսում ստացաւ, եւ գիտնական ու զարգացուն անձ մը եղաւ: Գրիգոր Մագիստրոս, որ Պետրոսի հետ սերտ յարաբերութեան եւ սրտակից բարեկամութեան մէջ գտնուեցաւ, առատօրէն կը շռայլէ անոր գովեստի բացատրութիւններ, որոնցմէ եթէ մէկ մասը իբր աստիճանին պատուադիր ձեւակերպութիւններ, եւ մէկ մասն ալ իբր յունասէր գործակցութեան հետեւանք նկատենք, տակաւին Պետրոսի զարգացուն ուսումնասիրութեան իսկական փաստեր են այն ակնարկները, զորս Մագիստրոս իր թուղթերուն մէջ կ՚ընէ Պետրոսին գրած ատեն, եւ հելլենական քերթողներու եւ իմաստասէրներու եւ սուրբ հայրերու գրուածները անոր ծանօթ եւ ընտանի եղած կ՚ենթադրէ: Ըստ այսմ պէտք է ընդունիլ, թէ Պետրոս կանոնաւոր կրթութիւն ստացած էր յունական շրջանակներու մէջ, յաճախած էր Յունաց լաւագոյն ուսումնարանները, եւ կաթողիկոսարանի մէջ ալ մասնակցած էր եկեղեցական եւ ազգ. գործերու: Սխալած չենք ըլլար ըսելով, թէ Սարգիսի ծերացեալ եւ տկարացեալ տարիքին մէջ` անոր օգնական եւ աջբազուկն էր, եւ այս կերպով արժանի դատուեցաւ հայրապետական աթոռ բարձրանալու: Պետրոսը Արշարունի պիտի չկարենանք ըսել, զի Խաչիկի մակդիր անունը իր եպիսկոպոսական վիճակէն առնուած է, եւ ոչ իր սերունդէն կամ ծննդավայրէն, որ յիշուած չըլլալուն, սովորութիւնը ընդունեց Գետադարձ մականունը, թէպէտեւ ոչ հիները այդպիսի մակդիր անուն մը յիշած են (ԳԵՏ. 13), եւ ոչ գետադարձութեան պատմութիւնը հիմնական ստուգութիւն մը ունի, ինչպէս իր կարգին պիտի բացատրենք: Նախորդին կենդանութեան ատեն կաթողիկոսական օծում ստանալն ալ տարբեր էր օգնականի կամ աթոռակից ձեւէն, որ յետոյ նոյն ինքն Պետրոսի օրով սկսաւ, եւ հետզհետէ տարածուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ: Որովհետեւ Սարգիս ոչ թէ աթոռակից կամ լիազօր օգնական մը նշանակեց, այլ ինքն պաշտօնապէս քաշուեցաւ, եւ տեղը յաջորդ նշանակեց: Այսուհանդերձ Սարգիսի ըրածը առաջին օրինակ մը նկատուեցաւ, կաթողիկոսին կենդանութեան անոր քով ուրիշ օծեալ կաթողիկոս մըն ալ ունենալու սովորութեան:

820. ԳԱԳԻԿԻ ՅԱՋՈՐԴԸ

Հազիւ թէ Պետրոս գործի գլուխ անցաւ, երկրին խաղաղական վիճակն ալ խանգարուեցաւ` Գագիկ թագաւորի մեռնելովը: Գագիկ իր խոհականութեամբ եւ աշխարհավար կարողութեամբ այնպիսի բարձր եւ ազդեցիկ դիրք մը ստացած էր, որ ամէն կողմ իր ձայնը կը տիրէր, եւ ամէնքն ալ անոր կ՚անսային, եւ շփոթութիւններ եւ խլրտումներ ինքնին կը լռէին: Գագիկ թագաւորած էր 990-ին 776) եւ Անեցին 29 տարի կուտայ անոր իշխանութեան (ՍԱՄ. 104), եւ Լաստիվերտցին ալ կը վկայէ, թէ Գագիկ յերկար ժամանակաւ վարեալ զթագաւորութիւն, եւ բարի յիշատակաց արժանի լեալ` ի խորին ծերութեան լուծանէ զկեանս իւր (ԼԱՍ. 13) որով չեն կրնար արդարանալ իբր անոր մահուան թուական ցուցուած, Հայոց 444 (ՎԱՐ. 92), կամ 420 (ՈՒՌ. 8) տարիները, եւ պէտք է պահել սովորաբար ընդունուած 1020 թուականը, որ է ըսել Պետրոսի կաթողիկոսութենէն գրեթէ տարին չլրացած: Գագիկի ժառանգութիւնը օրինական կարգով կ՚իյնար իր երէց որդւոյն, որ էր Սմբատ, զոր Յովհաննէս կոչէին (ԼԱՍ. 13), կրկին անուններու նոր սովորութեան համեմատ: Բայց Սմբատ մարմնով հարստի եւ յոյժ թանձր էր (ԼԱՍ. 13) եւ տարտամ եւ հեղգ, եւ թուլամորթ եւ անկիրթ ի պատերազմունս, թէպէտեւ միւս կողմէն աւագ էր եւ այր իմաստուն (ՍՄԲ. 26), մինչեւ իսկ իմաստութեամբ ասեն առաւել գոլ քան զյագունս (ԼԱՍ. 13): Ընդհակառակն Գագիկի կրտսեր որդին Աշոտ, բարեկարգ առնելով զդիրս մարմնոյ, եւ քաջասիրտ եւ պատերազմասէր գոլով (ԼԱՍ. 13), այր քաջ էր, անպարտելի եւ յաղթող ի պատերազմունս (ՈՒՌ. 26), որով կրցաւ իրեն համակիրներ ալ կազմել, եւ եղբայրը հեռացնելով ինքն թագաւորելու աշխատիլ, ու բաւական չսեպեց որ ըստ ընկալեալ սովորութիւն իրեն յատուկ գաւառ մը տրուի ազատօրէն կառավարելու: Վարդան` Գագիկի երրորդ զաւակ մըն ալ կը նշանակէ Աբաս անունով, ինչ որ իրմէ առաջուաններ չեն յիշեր, բայց որովհետեւ քիչ ետքը Աբասը իբր Կարսի թագաւոր կը ցուցնէ (ՎԱՐ. 92), յայտնի կը տեսնուի, որ նոյն ինքն Կարսի Աբաս թագաւորն է, որ սխալմամբ իբրեւ Գագիկի որդի նշանակուած է: Կարսի թագաւոր Աբաս Մուշեղեան երբեք իր իշխանութենէն չհեռացաւ, եւ Աբաս Գագիկեան մը տեղը չանցաւ, այլ 45 տարի թագաւորելէ ետքը 1029-ին իրեն յաջորդ թողուց իր որդին Գագիկ Աբասեանը: Բագրատունի Գագիկի յաջորդութեան դառնալով, Սմբատ Յովհաննէս երիցութեան իրաւամբ իր հօրը տեղը անցաւ իբրեւ Անիի կամ Հայոց թագաւոր, եւ իբրեւ բոլոր Հայ թագաւորներու նախաթոռ կամ Շահնշահ, եւ ոչ թէ բռնակալեաց (ՍՄԲ. 26): Սակայն Աշոտ իր դիտումէն ետ չկեցաւ, եւ ամէն միջոցներ գործածեց իր խորհուրդը առջեւ տանելու համար: Վասպուրականէն օգնութիւն գտնելու համար` Վան գնաց Սենեքերիմին մօտ (ՍՄԲ. 27), եւ ոչ թէ Անձեւացեաց Գուրգէնին (ՈՒՌ. 9), որ արդէն մեռած էր 800): Անկէ անցաւ Պաղտատի խալիֆային, որ Քատէր-Պիլլահն էր 801), ուսկից միայն դրամական նպաստ մը ձեռք ձգեց (ՍԱՄ. 106): Դառնալու ատեն Վարագայ Ս. Նշանին ուխտ ըրաւ, եւ ակամբք եւ մարգարտօք զարդարուած ոսկիէ պահարան մըն ալ նուիրեց անոր (ՈՒՌ. 9): Օգնական զինուորներ ալ առաւ Սենեքերիմէ, եւ եղբօրը վրան եկաւ, եւ շրջէր զօրօք եւ աւար հարկանէր զբազում տեղիս, եւ զքաղաքն Անի (ՍՄԲ. 27):

821. ԱՇՈՏԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Պետրոս կաթողիկոս, իբրեւ օրինապահութեան պաշտպան, Սմբատ Յովհաննէսի կողմը կը բռնէր, քաղաքականութեան գոյն մըն ալ ունէր իր գործը, որ այս կէտէն կը սկսի ինքզինքը ցոյց տալ, այն է յունական քաղաքականութեան ծառայել, եւ յունական ազդեցութիւնը զօրացնել: Պետրոս իր այդ միտումը մինչեւ իսկ իր հայրենեաց դէմ գործածեց, եւ բացարձակապէս յունական շահերուն պաշտպան եւ գործակից ըլլալու հասցուց, ինչպէս որ պատմութեան ընթացքը երեւան պիտի բերէ: Սմբատ Յովհաննէսն ալ միեւնոյն ուղղութեան ծառայող մըն էր, ուր ընդհակառակն Աշոտ` մինչեւ Պաղտատ երթալով եւ ամիրայապետէն օգնութիւն խնդրելովը, յայտնապէս հակայունական ուղղութեան նշանը տուաւ: Աշոտ Վասպուրականցոց օգնութեամբ եւ իր համակիր նախարարներուն գունդերով զօրացած` Անիի վրայ կը սպառնար, ուստի պէտք եղաւ որ Սմբատ ալ դիմադրութեան պատրաստուի: Պատերազմի հրամանը տուաւ, բայց ինքն ի գահոյս անշարժ նստեալ կայր, վասն զի անհմուտ էր պատերազմի (ՈՒՌ. 9): Վրաց թագաւոր Գուրգէնն ալ Սմբատի կողմը կը բռնէր, եւ իր կողմէն դեսպան ալ ղրկած էր, որ խրոխտանօք կը խոստանար, երթալ Աշոտը բռնել եւ Սմբատին գերի բերել: Սակայն հազիւ թէ ճակատած էին, Աշոտ Վրացիին վրայ յարձակեցաւ` եւ ձեռքի պողովատիկով անանկ մը զարկաւ, որ զերկաթապատ մարմինն պատառեաց մինչեւ ցոտն: Սմբատի բանակը սարսեցաւ, Աշոտի գունդերը ետեւէն իյնալով հալածեցին, այնպէս որ փախչողները քաղաք ալ չկրնալով մտնել` ի յԱխուրեան գետն անկանէին, եւ Անի ալ նեղը ինկած Աշոտի անձնատուր ըլլալու վրայ էր (ՈՒՌ. 11): Մէկ կողմէն օրինականութեան սկզբունքը, միւս կողմէն Աշոտի առաւելութիւնը, ստիպեցին Հայոց գլխաւորները միջասահման պայմանով խաղաղութիւն հաստատել: Պահլաւունի իշխաններ Վասակ եւ Վահրամ, եւ Բագրատունի թագաւորներ Աբաս Կարսի, Գուրգէն Վրաց ու Գէորգ Ափխազաց միաբանեցան, Յովհաննէսի կողմէն ալ Անիի արքունիքին գլխաւորներ, իրենց գլուխ ունենալով Պետրոս կաթողիկոսը, Աշոտին գացին եւ համոզեցին, որ հաշտութիւն հաստատուի թագաւորութիւնը երկուքի բաժնելով, եւ լաւ մաս մը Աշոտին յանձնելով, բայց Անին եւ յառաջնութիւնը Սմբատի պահելով, պայմանով որ եթէ յառաջագոյն մահ հասցէ Յովհաննիսի, Աշոտ լիցի թագաւոր ամենայն Հայոց (ՍՄԲ. 28): Աշոտի որոշուած մասը Դրուց աշխարհ կոչուած է (ՍՄԲ. 28, ՈՒՌ. 11), զոր կը սիրենք իմանալ իբր դուռերու կամ սահմանագլուխներու կողմը, համեմատ Լաստիվերտցիին բացատրութեան, որ է ներքին կողմն աշխարհին, որ հայի ի վերայ Պարսից եւ Վրաց (ԼԱՍ. 14):

822. ԱՇՈՏԻ ՆՈՐ ՃԻԳԵՐԸ

Երկու եղբայրներուն մէջ կնքուած հաշտութիւնը ինչ ինչ միջադէպներ ալ ունեցաւ տակաւին, մինչեւ որ Աշոտ, գլխաւոր թագաւորութիւնը ձեռք ձգելէ յուսահատ, յանձնառու եղաւ հանդարտութեամբ իր մասը կառավարել, եւ եղբօրը մահուան սպասել շահնշահութիւն ձեռք ձգելու համար: Աշոտի իշխաններէն մէկը, հարկաւ անոր դրդումով, դատախազ կանգնեցաւ Սմբատի դէմ, Ափխազաց Գէորգին առջեւ, որ գլխաւոր դերը ունեցած էր հաշտարար գումարումին մէջ: Աշոտի կողմնակից իշխանը կը բողոքէր թէ Շատիկ իմ բնական տեղն է, զոր անիրաւաբար տարաւ յինէն Սմբատ: Իսկութիւնը ինչ էր, մեզի յայտնի չէ, բայց Գէորգ, այդ բանը իբր Սմբատէ գործուած անիրաւութիւն նկատելով, ետեւէն գունդ հանեց. իսկ Սմբատ որովհետեւ վասն ծանրութիւն մարմնոյն ոչ կարաց նստիլ յերիվարն, գերի կ՚իյնար եւ Գէորգի կը տարուէր: Ափխազներու գունդերը Անի մտնելով կաթողիկէն եւ կաթողիկոսարանն իսկ կապուտ կողոպուտ կ՚ընէին, օծեալ խաչերն ալ անարգելով, որոնց վրայէն օծումի նշանակ եղող բեւեռներն ալ վերցնելով կ՚ըսէին, տանիմք եւ ձիոցն լուսին առնեմք: Պատմիչը քիչ ետքը Ափխազներուն պարտութիւնը այդ սրբապղծութեան պատիժ կը մեկնէ: Իսկ Սմբատ իր ազատութիւնը ստացաւ, երեք բերդեր իբր փրկանք վճարելով, եւ Անի դարձաւ, որով Աշոտ բան մը չօգտուեցաւ կարգադրուած դարձուածքէն (ԼԱՍ. 14): Այս անգամ ալ կը մտածէ նենգութեամբ Սմբատը մեռցնել: Թալինի մէջ հիւանդ կը ձեւանայ, եւ անկողինին մօտ որոգայթ փորել տալով, Սմբատը տեսութեան կը հրաւիրէ, որ կը գայ եւ շիտակ որոգայթին մէջ կ՚իյնայ, եւ ձերբակալուելով Ապիրատ Հասանեան Պահլաւունի իշխանին կը յանձնուի որ սպաննէ: Ապիրատ կը վարանի յանձնառութիւնը կատարել. Զիա՞րդ ձգեցից զձեռն իմ յօծեալ Տեառն, եւ խելագար մի եդից ի տեղւոջ սորա, եւ այս մտածումով Սմբատը առեալ տանի յաթոռ իւր յԱնի (ՎԱՐ. 97): Այս խորհուրդն ալ չի յաջողիր Աշոտի: Իսկ Ապիրատ, սկիզբէն Սմբատի հակառակ, այս գործով Աշոտէ ալ կասկածոտ, Դուինի իշխեցող Ապուսահլ (ՍՄԲ. 28) կամ Ապուսուար (ՈՒՌ. 12) ամիրային կ՚ապաւինի իր գունդով, եւ պաշտպանութիւն ու պատիւ ալ կը գտնէ: Քսու անձեր կը սկսին Ապիրատը կասկածոտ ցուցնել, ու ամիրային սիրտը կը փոխուի, եւ գաղտ ի յայլ զօրացն ի զրոյց ինչ սիրոյ կոչեաց զԱպիրատն, եւ ի ծածուկ կորոյս զայնպիսի այրն քաջ եւ հզօր, եւ անուանի ի մէջ ամենայն աշխարհին Հայոց (ՈՒՌ. 12): Ապիրատի զօրավարներէն Սարի իշխան, Ապիրատին կինն ու զաւակներն ու հեծելագունդը Սմբատին կը դարձնէ, որ զիրենք հօրենական իշխանութեան մէջ կը հաստատէ, եւ Ապիրատի ցեղը կը շարունակէ իր Ապլջահապ եւ Վասակ որդիներով (ՈՒՌ. 13): Այդ Վասակն է որ յետոյ Մագիստրոսին փեսայացաւ: Աշոտի դառնալով, իր յեղյեղուկ ընթացքը կ՚երեւի թէ իրեններուն ալ հաճելի չÿըլլար, որ ինքզինքը լքեալ կը զգայ, թողեալ զաշխարհն երթեալ հասանէ ի դուռն Հոռոմոց, եւ անոնց կողմէն օգնութիւն գտնելով գայ անցանէ յաշխարհն իւր (ԼԱՍ. 14): Չենք կարծեր որ Աշոտ մինչեւ Կոստանդնուպոլիս գացած ըլլայ կայսեր ներկայանալու համար (ՉԱՄ. Բ. 900), որովհետեւ այդ միջոցներուն Վասիլ արեւելք եկած էր (ԼԱՍ. 15), եւ Աշոտի պէտք էր միայն հակայունական կասկածը վրայէն հեռացնել, որպէսզի Վասիլի հակառակութեան առարկայ չըլլայ, եւ խաղաղաբար իր բաժինին տիրէ: Այսպէս ալ ըրաւ անկէ ետքը, եւ նոյնիսկ Անի քաղաքը ոտք դնելէ զգուշացաւ զամենայն աւուրս կենաց իւրոց (ՍՄԲ. 28): Լաստիվերտցին, որ չէ կրցած երբեք Սմբատի համակիր ըլլալ, գովութեամբ կը փակէ Աշոտի յիշատակութիւնը, թէ յաջողեալ նմա յԱստուծոյ, տիրէ բազում գաւառաց եւ բերդից, եւ զօրանայ քան զամենեսին որ յառաջ քան զնա էին (ԼԱՍ. 15): Բայց պատմութիւնը նոր արդիւնք մը չի պատմեր Աշոտ Գագիկեանի վրայ: Այդ եղելութեանց մէջ Պետրոսի դերը եղած է հաշտարար ընթացք մը, միշտ յունական քաղաքականութեան ուղղութեամբ, որուն վերջ ի վերջոյ Աշոտ ալ պարտաւորուեցաւ համակերպիլ:

823. ՎԱՍԱԿ ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻ

Նոր տեսարան մը կը բացուի այս պահուս Արեւելքի գործերուն մէջ, եւ նոր զօրաւոր տիրապետող ցեղ մը կ՚երեւի մէջտեղ, որ վերիվայր կը դարձնէ Արեւելքի կացութիւնը: Ապպասեանց իշխանութիւնը դէպի իր անկումը կը դիմէր, եւ այդ պատճառով իր իշխանութեան երկիրները ազատ եւ աղիկամի բռնաւոր պետութիւններ կը կազմէին, եւ այս կացութենէն կ՚օգտուէին Հայաստանի եւ շրջակայից մէջ ստեղծուած մանր մունր Հայ թագաւորութիւնները: Ամիրապետներ` իրենց կեդրոնին մէջ, նոյնիսկ իրենց պաշտօնեաներուն ձեռքը խաղալիք եղած, պիտականուն վեհապետներ էին, որոնցմէ վերջին անգամ յիշեցինք Քատէր-Պիլլահը 801), որ 41 տարի ալ այդ անունը կրեց մինչեւ 1031, եւ իրեն յաջորդեց Քահըմ-Պիամրալլահ, որ իր կարգին 44 տարի եւս նոյն դիրքը շարունակեց, մինչեւ 1075 (ՎԵՐ. 463): Այդ միջոցին էր որ ահագին փոթորիկ մը կը սպառնար Արեւելքէն, ամէն բան տակնուվրայ ընելու սահմանուած: Թաթար կամ Թիւրքմէն կամ Թուրք ազգաբնակութենէ ճիւղ մը, Սելճուք անուն գլխաւորի մը առաջնորդութեամբ, շրջակայ ցեղերը յաղթելով, եւ հետզհետէ յառաջելով եկած եւ հաստատուած էր Պարսկաստանի մէջ Խազէվէնտեաններու իշխանութիւնը ջնջելով. եւ աւելի առաջ անցնելով` բոլոր Ասիոյ առաջակողման երկիրները գրաւելու ծարաւով: Սելճուք իշխանին կեանքը շատ չերկարեց, եւ իրեն յաջորդեց որդին Միխայիլ, որ 1020-ին իր ցեղին գլուխն անցաւ: Թէպէտ Սելճուքներու աւելի մեծ ձեռնարկները` Սելճուքի թոռան Թողրուլի կամ Տուղրիլի ատեն կատարուեցան, բայց Միխայիլի ատենէն սկսան անոնք Հայաստան մտնել, եւ երկրին կացութիւնը վերիվայր ընել: Այդ յարձակումներուն առաջնապտուղ զոհ կ՚երթայ Վասակ Պահլաւունին: Հրոսակներու ճիւղ մը Դելումնաց (ՈՒՌ. 13) կամ Դէլմանաց (ՍՄԲ. 29), այն է Ատրպատականի Դէլման գաւառին կողմէն կը յարձակի, եւ մինչեւ Նիգ գաւառ ու Բջնի բերդ կը յառաջէ, ուր էր Պահլաւունիներու կեդրոնը: Գոյժը Վասակին կը հասնի, երբ որդւով իւրով Գրիգորիւ եւ այլ փառաւորագոյն ազատօքն ուրախութեան մէջ էր: Գուժկանը կ՚աղաղակէր. Գերեցաւ ամենայն գաւառս: Վասակ յանկարծ կ՚ելլէ, պզտիկ գունդ մը կը կազմէ Փիլիպէ եւ Գորգ Չորտուանէլ եւ Քաջն-Միհրան իշխաններով, տունն ու տեղը որդւոյն Գրիգորի կը յանձնէ, վանք մը կը հանդիպի, կը խոստովանի ու կը հաղորդուի եւ գունդին գլուխը անցնելով այլազգիները կը ցրուէ ու կը հալածէ ուր որ կը հանդիպի: Այդ միջոցին ահագին խափշիկ մը, զոր յաղագս քաջութեան Եօթն Գայլ անուանէին, առջեւ կ՚անցնի իբրեւ Վասակի դէմ ախոյեան: Հայեր պահ մը կը վարանին, իսկ Վասակ իրենները կը քաջալերէ եւ Խափշիկին դէմ դիմագրաւ կ՚ելլէ, եւ այնպէս թրովն եզարկ ի վերայ գլխոյն, որ Խափշիկը յերկուս հերձաւ եւ անկաւ յերկիր: Ասոր վրայ Հայերը վերջապէս կը հալածեն այլազգիները, իրենցմէ ալ զոհեր տալով, որոնց մէջն էր Քաջն-Միհրանը կամ Էմրանը (ՈՒՌ. 16): Վասակ յաղթութենէն դառնալով, Արագածոտն գաւառի Սերկեւլի լերան վրայ, ի քարանձաւ ինչ (ՍՄԲ. 30), կամ ընդհովանեաւ քարանց (ՈՒՌ. 16), հանգիստ առնելու համար կը ննջէր, երբ այլազգիներէն մէկը անկէ անցնելով գիտաց թէ ի թշնամեացն է (ՍՄԲ. 30), բարձրէն խոշոր քար մը իջեցուց գլխուն, եւ այսպէս կատարեցաւ քաջն Վասակ Պահլաւունին (ՈՒՌ. 17): Գրիգոր Մագիստրոս, Վասակի որդին, չի վարանիր իբրեւ մարտիրոսութիւն հռչակել իր հօրը վախճանը (ՄԱԳ. 40), որուն կը ձայնակցի Շնորհալին` իր թոռնորդին ալ: Մինչ ի Վասակ քաջն հասեալ, այն որ արեամբ նահատակեալ (ՉԱՓ. 541):

824. ՎԱՆԷ ՍԵԲԱՍՏԻԱ

Երբոր Պահլաւունիք կը յաջողէին իրենց երկիրը Սելճուք հրոսկաներու արշաւանքէն ազատել, անդին Արծրունիք կը յուսահատէին անոնց դիմադրել, քանի որ այն կողմէն աւելի զօրաւոր եւ աւելի տեւական էին` եղած յարձակումները: Սենեքերիմ թագաւոր, անպտուղ փորձերէ յոգնած, եւ հանդարտութիւն գտնելու սաստիկ բաղձանքով, իր թագաւորութիւնը Յոյներուն փոխանցելու խորհուրդը կը յղանայ, ոչ Դաւիթ կիւրապաղատին ոճով, իր կենդանութեան ատեն օգնութիւն ապահովելու եւ մահուընէ ետքը բացարձակապէս յանձնելու պայմանով 809), այլ նոյն ատենէն ուրիշ երկրի մը հետ փոխանակելով, եւ իրեններուն ժառանգութիւն մը ապահովելով: Սենեքերիմի որդին Դաւիթ Կոստանդնուպոլիս կ՚երթայ կայսեր հետ բանակցելու (ՍՄԲ. 46), զի անձամբ ալ ի զուր մաքառեր էր Սելճուքներու հրոսակը ընկրկելու (ՈՒՌ. 59): Վասիլ ամենայն սիրով ընդունեցաւ առաջարկը, վասն զի նոր երկիրներու տիրապետութեամբ կայսրութեան սահմանները կ՚ընդարձակուէին, իսկ կայսրութեան ծոցին մէջ Հայերուն յանձնուէլիք նոր երկիրը, առանձնաշնորհեալ կուսակալութենէ աւելի բան մը չէր ըլլար, եւ երբ ուզէին կրնային Յոյները Հայերուն իշխանութիւնը փոփոխել կամ ջնջել, առանց դիմադրութեան իսկ հանդիպելու: Փոխանակուելիք տեղը կը որոշուի Սեբաստիոյ գաւառը, բայց ճշդիւ չենք որոշել թէ ինչ ընդարձակութեամբ, որովհետեւ պատմիչներ ոչ չափ կ՚որոշեն եւ ոչ սահմաններ կը գծեն, եւ կը բաւականանան յիշել զքաղաքն Սեբաստիա եւ որ շուրջ զնովաւ գաւառք (ԼԱՍ. 32), կամ զՍեւաստ եւ զԼառիս եւ յոլով պռաստինս (ՎԱՐ. 92), կամ զՍեւաստ իւր թեմօքն (ՍԱՄ. 105), որոնք կատարեալ բացատրութիւն չեն տար: Վասպուրականի մէջ Յոյներուն ձեռքն անցածը, կը նշանակուի 8 քաղաք, 72 բերդ եւ 4. 000 գիւղ, կամ ըստ այլոց 12 բերդ եւ 4. 000 գիւղ: Իսկ 115 վանքերուն համար տեղ մը կ՚ըսուի թէ զվանորայսն ոչ ետ Սենեքերիմ ի Վասիլ (ՍԱՄ. 104). բայց այլուր կը յիշուի թէ հարիւր հնգետասան վանք այլ ետ (ՍՄԲ. 46): Երբոր երկիրը բոլոր կը թողուի, վանքեր չէին կրնար դուրս մնալ, եւ զատ պետութիւն կազմել, ուստի պատմիչներուն ոչ ետ ըսելը պէտք է իմանալ, թէ վանքեր Հայ վանականներու ձեռքը մնացին, եւ Յոյն վանականներու չյանձնուեցան: Սենեքերիմ Վանէ ելաւ մէկտեղ առնելով իրեն չորս որդիները, Դաւիթ, Աբուսահլ, Ատոմ եւ Կոստանդին, եւ եղբօրորդիները, Դերենիկ, Գագիկ եւ Աշոտ (ՎԱՐ. 92), իր իշխանները, ազատագունդը, եւ 400. 000 հոգի ժողովուրդէն, որ Վասպուրականի բնակութեան մէկ երրորդը կը հաշուուի (ՉԱՄ. Բ. 903): Մէկտեղ բերաւ Վարագայ Ս. Նշանն ալ, եւ անոր համար նոր վանք ու եկեղեցի կանգնեց Սեբաստիոյ մէջ, Ս. Նշան անունով: Իսկ մէկտեղ ելլող եկեղեցականներէն եւ ժողովրդականներէն մաս մը այստեղ այնտեղ ալ մնացին, եւ այդ խումբէն կ՚ըսուին Ակնի եւ Արաբկիրի հայաբնակութիւններն ալ, եւ Ակնայ Նարեկ վանքն ալ, ուր Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ոսկորներէն մասունքներ ալ դրուեցան: Սենեքերիմի տեղափոխութեան թուական կ՚ընդունինք 1021 տարին, քանի որ Անեցին երկու տեղ Հայոց 470 թուականը կը կրկնէ (ՍԱՄ. 104, 105), ինչ որ կը համապատասխանէ եղելութեանց ժամանակագրական պահանջին ալ:

825. ՎԱՍԻԼԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Վասպուրականի նոր տիրապետութիւնը, Վրաց եւ Ափխազաց` նոր խլրտումները, եւ Հայաստանի միւս մասերն ալ կայսրութեան հպատակեցնելու փափաքը, առիթ տուին Վասիլ կայսեր նորէն անձամբ Արեւելք անցնիլ եւ այդ գործերը կարգադրել: Վասիլ եկաւ շիտակ ու բնակեցաւ յընդարձակ դաշտն Կարնոյ, եւ այնտեղէն պատգամ ղրկեց Ափխազաց Գէորգ թագաւորին, գալ ինքեան ի հնազանդութիւն (ԼԱՍ. 15): Սակայն Ափխազներ չխոնարհեցան, Վրաց Գուրգէն թագաւորն ալ անոնց միացաւ, եւ Լիպարիտ իշխանի գլխաւորութեամբ իր գունդերն ալ օգնութեան ղրկեց: Լիպարիտի հետ էին, իր Ըռատ եւ Զոյատ (ՍՄԲ. 47), կամ Ռատ ու Զուատ (ՍԱՄ. 105) եղբայրները: Վասիլ քանի մը անգամ անօգուտ պատգամաւորութենէ ետքը, Բասենի Օկամի բերդը ու շրջակաները աւերեց ու քաշուեցաւ, եւ Գէորգ պատեհ գտնելով Ուխթիքի վրայ յարձակեցաւ, աւրեց ու այրեց: Վասիլ բարկանալով Ափխազներու վրայ յարձակեցաւ, ամէն տեղ ջարդեց ու քանդեց, աւերեց ու աւարեց, գերեց ու գերփեց, մեծասաստ հրամանաւ, մի' ողորմիլ ծերոյն եւ մի' երիտասարդին, մի' տղային եւ մի' հասակաւ կատարելոյն, մի' առն եւ մի' կնոջ, եւ մի' ամենեւին ամենայն հասակի (ԼԱՍ. 16): Լաստիվերտցին շատ տխուր գոյներով կը նկարագրէ այդ կոտորածը, զոր աստուածային վրէժխնդրութիւն կը համարի Հայոց խաչերուն դէմ գործուած անարգանքին 822): Վասիլ կայսր Վասպուրականի կողմը կուսակալ ղրկեց Նիկեփորոս Կոմիանոս կամ Կոմնենոս պատրիկը (ՉԱՄ. Բ. 903), միանգամայն միւս Հայ թագաւորներու ալ երկիրները գրաւելու ձեռնարկեց, եւ խնդրեաց զԱնի եւ զԿարս (ՍՄԲ. 46): Այդ միջոցներուն պէտք է դնենք Աշոտի վերջին ճիգերը, եւ վերջապէս Հոռոմներու պաշտպանութեամբ իր բաժինին կամ Դրուց աշխարհին մէջ, հանդարտութեամբ քաշուիլը 822): Չենք գիտեր թէ ինչ մտածեց եւ ինչ ըրաւ Կարսի Աբաս թագաւորը, որ տարիքը առած եւ իր գործին տէր եղած անձ մըն էր, բայց կ՚երեւի թէ ճարտարութեամբ իր գործը կարգադրեց: Տարբեր էր Յովհաննէս Սմբատի կացութիւնը. ինքն տկար, եղբայրը անհանդարտ, ամէն վայրկեան իր թագաւորութիւնը կորսընցնելու վախին ներքեւ, Սենեքերիմի նոր կատարած փոխանակութենէն ազդուած, ինքն ալ մտածեց Յոյներուն պաշտպանութեամբ իր անձնական հանգիստը ապահովել, իր ժողովուրդն ու ազգը վաճառելով: Միակ որդին զոր ունեցած էր, վախճանած ըլլալով, իւր ոչ գոյր որդի թագակալ (ԼԱՍ. 18), եղբօրը դէմ յայտնի թշնամութեամբ էր, եւ մինչեւ իսկ կը մտածէր պարապի հանել անոր ապագայ յաջորդութեան պայմանը, որ Ախուրեանի հաշտութեամբ հաստատուած էր 821): Յովհաննէս Սմբատի այդ խորհուրդին, թէ ոչ թելադրողը, գոնէ քաջալերողը եղաւ Պետրոս կաթողիկոս, որ մինչեւ իսկ յանձնառու եղաւ անձամբ բանակցութիւնը կատարել եւ կայսեր հետ պայմանաւորուիլ: Ճիշդ այս միջոցին կը նշանակէ Լաստիվերտցին հրաժարեալ կաթողիկոս Սարգիսի մահը (ԼԱՍ. 19), կարծես լռելեայն իմացնել ուզելով, թէ Պետրոս այդ լպրծուն ճամբուն մէջ մտաւ, երբոր Սագիսի ազդեցութենէն ազատեցաւ: Լաստիվերտցին, որ միակ ժամանակակիցն է, չի կրնար զսպել իր վիշտն ու զայրոյթը, քանի անգամ որ այս դժբախտ գաղափարին գործադրութիւնը կը յիշէ:

826. ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ԴԱՇԻՆՔԸ

Վասիլ կայսր Հայաստանի գործերը նայելու եւ Տայոց խնդիրը վերջացնելու համար ամիսս երիս այն կողմերը մնաց, անկէ 1022-ի ձմեռը հասնելուն Տրապիզոն իջաւ, որ այնտեղ ձմերէ (ՍՄԲ. 47): Նոյն միջոցին Պետրոս կաթողիկոսն ալ Անիէ կ՚ելլէ, Սմբատի հետ կարգադրած մտածմունքնին յաջողցնելու, եւ զհետ եկեալ կայսեր հանդիպի նմա, յաւուրս Աստուածայայտնութեան մեծի տօնին (ԼԱՍ. 18), որ է ըսել Դեկտեմբերի մէջը կամ վերջերը: Բնական էր որ առաջարկը մեծ գոհունակութիւն պիտի պատճառէր կայսեր, ուստի հազիւ թէ Պետրոս կը յայտնէ, թէ Հայոց թագաւորին միտքն է, որ յետ իմոյ վախճանին զիմ քաղաքս եւ զերկիրս նմա տաց ի ժառանգութիւն (ԼԱՍ. 19), Պետրոս կայսեր աչքին մեծ մարդ մը կը դառնայ, եւ մեծարեալ պատուի ի նմանէ (ԼԱՍ. 18): Առաջարկութեան ճիշդ եւ օրինական ձեւը պէտք էր ըլլար, որ Յովհաննէս Սմբատ իր գրութեամբ ու կնիքով այդ յայտարարութիւնը հաստատէր, ինչպէս որ Ուռհայեցին ալ կը գրէ, թէ Յովհաննէս ի կենդանութեան իւրում գիր էր տուեալ Հոռոմոց, թէ զկնի մահուան իմոյ Անի Հոռոմոց լիցի (ՈՒՌ. 98). հետեւաբար Լաստիվերտցիին գրածը, թէ Յովհաննէս պատուէր տուեալ էր հայրապետին, եթէ գրէ գիր եւ տուր կտակ թագաւորին (ԼԱՍ. 19), հնար չէ ուրիշ կերպ իմանալ, բայց եթէ ըսելով, որ գրութեան նիւթական պատրաստութիւնն էր, որ Պետրոսի ձեռքով կատարուեցաւ, բայց խոստումը Յովհաննէսի կողմէն էր գրուած եւ անոր կնիքով հաստատուած: Պարզապէս Պետրոսի բերնով կամ կնիքով գիր մը չէր կրնար ոչ վստահութիւն ազդել, եւ ոչ ընդունելի ըլլալ: Միեւնոյն իմաստն ունի միւս պատմագիրին ըսելն ալ, թէ թագաւորը պատրիարքին պատուիրէ տալ ձեռագրով զԱնի զկնի մահուան իւրոյ ի Հոռոմս, որպէս եւ կիւրապաղատն Դաւիթ (ՎԱՐ. 93): Յովհաննէսի դրած պայմաններէն մէկը եղած է, որ կայսրն պահէ զնա ի նեղչաց իւրոց (ՎԱՐ. 93), որով կ՚իմացուին ոչ միայն արտաքին թշնամիներ, այլեւ ներքին հակառակորդներ, որոնց գլուխը կը գտնուէր իր Աշոտ եղբայրը: Բաց աստի այդ դաշինքէն ետքը, Յովհաննէս առնոյր տուրս եւ իշխանութիւնս ի Հոռոմոց զամս հնգետասան (ՈՒՌ. 98), որ է ըսել թէ տարեկան նպաստ մըն ալ կ՚ընդունէր, մինչեւ իր մահուան օրը: Արդ եթէ Յովհաննէս իրեն համար դրամական շահ մըն ալ ապահովեց, հարկաւ միեւնոյն ժամանակ գործին միջնորդն եղող Պետրոս կաթողիկոսն ալ իր օգուտը զանց չըրաւ, եւ դրամական նպաստ մը անոր ալ տրուեցաւ, տարեկան կամ միանուագ, քանի որ յայտնի է, թէ յոյժ սիրող էր գանձուց Պետրոս, որեւ բազումք վասն այնր եպերէին զնա (ԼԱՍ. 72): Այդ տեսութիւններ պատմիչին միտքին ալ ծագած են հարկաւ, երբ այդ դժբախտ եւ դժպհի սակարկութիւնը պատմելուն ատեն ցաւագին սրտով կը հառաչէ. Անդ եղեւ Հայոց կորստեան գիր եւ նամակ (ԼԱՍ. 19): Ցաւալի է որ այդ կորուստին միջնորդն ու գործադիրն ալ` նոյնինքն Հայոց կաթողիկոսը կը տեսնենք:

827. ՋՐՕՐՀՆԷՔԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Վասիլ անակնկալ յաջողութեան դիմաց, եւ կաթողիկոսին ունեցած գործակցութիւնն ալ տեսնելով, մոռցաւ բոլոր իր կրօնամոլ բծախնդրութիւնները, ոչ քաղկեդոնիկութիւն մտածեց, եւ ոչ խտրութիւն միտքը ինկաւ, եւ Հայոց Աստուածայայտնութեան ու Յունաց Մկրտութեան տօնին օրը, ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարելու հրաւիրեց Հայոց կաթողիկոսը, որ իր հետեւորդներով մասնակցի Յոյն եկեղեցականութեան կատարելիք կայսերական հանդիսութեան: Բարեդէպ առթիւ 1023 Յունուար 6-ի տօնը, Կիրակի օր ալ կ՚իյնար: Պետրոսի հետեւորդ եկեղեցականութեան մէջ անունով կը յիշուի Յովհաննէս Կոզեռն վարդապետը (ՍՄԲ. 47). այլ որովհետեւ անոր վրայ երբեք մեղադրանք մը գրուած չէ, պիտի հետեւցնենք թէ դժբախտ բանակցութեանց մէջ նա մասնակցութիւն ունեցած չէ: Ջրօրհնէքը պիտի կատարուէր Տրապիզոնի գետակին վրայ, որ այժմ Մաչքա կը կոչուի, եւ Խաղտեաց լեռներէն իջնելով Տրապիզոնի մօտ Սեւ ծով կը թափուի: Վասիլ ինքն պարտուպատշաճ կարգադրութիւններն ըրաւ, եւ հրամայեց Պետրոսի օրհնել զջուրն ըստ մերոյ կանոնիս եւ Հոռոմոց եպիսկոպոսացն որ անդ դիպեցան, ըստ իւրեանց կանոնին (ԼԱՍ. 19), եւ Հայոց կաթողիկոսն ու եկեղեցականութիւնը երետ կանգնեցնել բարձր քան զառաջնորդսն Յունաց (ՍՄԲ. 47), այսինքն գետին ընթացքին վերի կողմը: Ինչ որ պատմիչ մը իբրեւ պատուոյ նշանակ կը մեկնէ, որովհետեւ Հայոց գլուխը հայրապետ մը կը գտնուէր, իսկ Յունաց գլուխը լոկ մետրապոլիտ մը միայն, ուրիշ մը իբր կրօնամոլ նախանձայուզութեան արդիւնք կը ցուցնէ, այսպիսի մտօք, զի թերակատար համարէին զօրհնութիւնս Հայոց, զի ի ներքոյ կալով զօրհնեալն ի Հայոց կրկին օրհնեսցեն (ԿԻՐ. 53): Գուցէ Վասիլ պատուասիրութեան նպատակ ունէր իսկապէս, վասն զի Հայաստանի գրաւումը ապահոված լինելուն վրայ, Պետրոսին ինչ պատիւ եւ վարձատրութիւն ընելիքը չէր գիտեր: Բայց կայսեր կարգադրութիւնը յարմար եկած էր Յոյն եկեղեցականութեան, որ այս մեկնութեամբ կրնար իր ժողովուրդն ալ հանդարտեցնել, թէ անոնց մէջ Հայերու հանդէպ ցուցուած տարապայման զիջողութեան մասին շփոթողներ կամ գայթակղողներ ըլլային: Եղելութեան վերջաւորութիւնն ալ, եւ Հայոց կատարած օրհնութեան վրայօք պատմուած սքանչելիքները, այդ տեսութիւնը կ՚արդարացնեն, որով զամօթի հարան Յոյնքն ամենայն, եւ ակամայ գովէին զհաւատս Հայոց (ԿԻՐ. 54):

828. ԳԵՏԱԴԱՐՁԻ ԶՐՈՅՑԸ

Պետրոսի կատարած ջրօրհնէքին առթիւ պատմուած գետադարձութեան հրաշքը, ժամանակակից Լաստիվերտցին չունի, այլ միայն կը գրէ. Եւ ի հեղուլ հայրապետին զտէրունական իւղն ի ջուրսն, ցնցուղս լուսոյ ճառագայթից յանկարծակի ծագեաց ի ջուրցն, զոր տեսին առ հասարակ ամենեքեան, եւ փառաւորեցին զԱստուած, եւ բարձրացաւ եղջիւր հաւատոյս մերոյ (ԼԱՍ. 19): Վարդան ալ կը կրկնէ. Եղեւ հրաշալի նշան, լոյս փայլատակեալ ի յաջոյ հայրապետին եւ յօծմանէ սուրբ իւղոյն ի հիացումն տեսողացն, եւ յոյժ գովեցաւ հաւատն Հայոց (ՎԱՐ. 93): Գետին դառնալուն կամ հոսանքին կենալուն խօսք չեն ըներ, այլ թէ միայն միւռոնը ջուրին մէջ թափուած ատեն փայլուն պղպջակներ երեւցած են ջուրին երեսը, ինչ որ պայծառ օր մը արեւին ճառագայթներուն ներքեւ տեսնուելիք երեւոյթ մըն է, որ կրցած է իր բարի ազդեցութիւնն ունենալ նախապաշարեալ Յոյն ռամիկին վրայ, որուն ով գիտէ ինչ ձախող թելադրութիւններ ըրած էին իր մոլեռանդ եկեղեցականները: Այդ պարզ պատմութիւնը հասկնալի աճում մը ունեցած եւ փառաւորուած է իբրեւ Հայոց դաւանութեան երկնային հաստատութիւն: Անեցիին մօտ կը կարդանք. Տէր Պետրոս արգել զգետն ժամ մի հրաշիւք ամենազօր սուրբ նշանին, առաջի Վասլի թագաւորին (ՍԱՄ. 106): Սմբատ ալ կը կրկնէ. Հուր սաստիկ երեւէր ի ջրին վերայ, եւ կապեցաւ ջուրն պահ մի (ՍՄԲ. 47): Կիրակոս ալ կը գրէ. Յաղօթելն սուրբ հայրապետին Պետրոսի դարձաւ ջուրն ի վեր, եւ լոյս սաստիկ ծագեաց, որ նուազեցուցանէր զճառագայթս արեգական (ԿԻՐ. 54): Ինչպէս կը տեսնուի գետին ընթացքին կենալուն կամ ետ դառնալուն պարագան յետիններէ միայն յիշուած է, զոր չունին խոհականագոյն պատմիչներ` Լաստիվերտցին եւ Վարդան: Միանգամայն զայն յիշողներն ալ համաձայն չեն, մէկը միւռոնին, միւսը խաչին, եւ երրորդը Պետրոսի աղօթքին վերագրելով հրաշքը: Գետարգել անունով խաչի մասունք մըն ալ պահուած էր, իբրեւ Պետրոսի գործածած ձեռաց խաչը, սակայն գիտենք թէ ջրօրհնէքը միւռոնթափով կը կատարուի, եւ ոչ խաչի տեառնագրութեամբ: Վկայութիւնները ճշդութեամբ յառաջ բերինք ցուցնելու համար, թէ գետադարձութիւնը նախնական եւ հիմնական պատմութիւն մը չէ, ինչպէս Գետադարձ անունն ալ պատմիչներէ յիշուած չէ, եւ մենք իբրեւ պարզ մակդիր անուն մը կը գործածենք զայն, սովորութեան հետեւելով, աւելի գետէն դարձող, քան թէ գետը դարձնող իմաստը տալով անոր: Հրաշքներու վրայ խօսուած ատեն, եթէ հրաշքներ` հրաշքը գործողին եւ հրաշքի նպատակին հետ կապակցութիւն պիտի ունենան, ոչ Պետրոսին անձը եւ ոչ անոր կատարած գործը երկնային հրաշքի մը զօրութեամբ փառաւորուելու արժանիքը չունէին: Կիրակոս նոյն եղելութիւնը կը զարդարէ վարժուած աղաւնիի մը պատմութեամբ, որ Յոյներուն միւռոնթափին ատեն կ՚իջնէր խառնիլ ընդ ջուրն, բայց այս անգամ յանկարծակի խոյացաւ արծիւ մի, էառ զնա եւ գնաց, եւ զամօթի մեծի հարան Յոյնք ամենայն, եւ ակամայ գովէին զհաւատս Հայոյն (ԿԻՐ. 54): Բայց Հայոց հաւատքին առաւելութիւնը հաւաստելու համար, պէտք էր որ արծիւը Հայոց լեռներէն եկած ըլլալն ալ յարմարցնէր, որպէս զի յոյն արծիւ մը յոյն աղաւնիի դէմ ելած չկարծուէր: Պէտք չենք տեսներ կարեւորութիւն ընծայել Կիրակոսի յիշած պարագային, սակայն շատ բնական կը գտնենք ջրօրհնէքի ատեն աղաւնի թռցնելու սովորոյթը, եւ շատ դիւրին անոնց թռիչքը դէպի վայր ուղղելու եղանակը: Իսկ Վասիլ կայսեր Պետրոսի օրհնած ջրով սրբուիլը (ՍՄԲ. 49), պարզապէս Պետրոսին ցուցուած յարգանք մըն է, զոր կատարուած առեւտուրին պարագան շատ կեղակարծ կը դարձնէ: Տրապիզոնի գետակին մօտերը, վերէն անոր նայող բարձունքի մը վրայ, Հայոց վանք մը կայ մինչեւ ցայսօր Ս. Ամենափրկիչ անունով, եւ կրնայ մտածել տալ` թէ Պետրոսի ժամանակէն եղած ըլլայ անոր առաջին հիմնարկութիւնը:

829. ՎԱՍԻԼ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

Պետրոս իր բանակցութիւնները լրացնելէ եւ ջրօրհնէքի առթիւ փառաւորուելէ ետքը, փոխանակ ուղղակի Անի դառնալու, եւ Յովհաննէս Սմբատ թագաւորին` իր ձեռնարկին յաջողութիւնը աւետելու եւ անոր մանրամասնութիւնները հաղորդելու, ճամբան կը փոխէ, եւ շիտակ կ՚իջնէ Սեբաստիա, ուր հաստատուած էր Սենեքերիմ Վասպուրականի թագաւորը, եւ այնտեղ կը մնայ քանի մը տարիներ: Պատմութիւնը չի ճշդեր այդ տարօրինակ գործին պատճառը, եւ մակաբերելով պէտք է ըսենք, թէ Տրապիզոնի կորստեան գիր ը լաւ ընդունելութիւն չէր գտած Անիի իշխաններուն եւ ժողովուրդին մէջ, եւ Պետրոս վստահութիւն չունեցաւ համարձակ այնտեղ դառնալ, կայսրն ալ խոհեմութիւն սեպեց, որ պահ մը հեռանայ, եւ դժգոհներու հետ շփման մէջ չգտնուի: Սենեքերիմ արդէն Յունաց հետ սակարկութեան օրինակը տուած էր. եւ պէտք չէր գայթակղէր Պետրոսի ըրածէն: Միւս կողմէն ընդարձակ դիմադրութիւն կը պատրաստուէր Յոյներուն դէմ, եւ ոչ միայն տեղացի իշխաններ, այլ եւ բազումք յիշխանացն Հոռոմոց, զորս Վասիլ ընդ ժամանակս ժամանակս ի պատուոյ իշխանութենէ ընկեցեալ էր, միաբանեցան նոյն միջոցին, եւ Նիկեփորոս Ծռվիզը կայսր հռչակեցին (ԼԱՍ. 20): Այդ միաբանութեան մասնակցեցան Գագիկի որդիները Յովհաննէս եւ Աշոտ ալ (ՍՄԲ. 48), հարկաւ չկրնալով շարժումին դէմ դնել, եւ նոյնիսկ իրենցներուն զգացումները վիրաւորել: Այդ պարագաներուն մէջ դժուար էր Պետրոսի Անի դառնալը: Սեբաստիոյ Սենեքերիմն ալ Նիկեփորոսի հետ միանալու հրաւիրուեցաւ, բայց անիկա աւելի Վասիլի անսաց, որ յղեաց աղաչանս զի հնարեսցէ զկորուստ Նիկեփորոսի (ՍՄԲ. 48): Իրօք ալ Դաւիթ, Սենեքերիմի որդին, անոր մօտ գնաց իբրեւ հաւատարիմ օգնական, բայց պատեհ առիթին, սուր ի վեր առեալ սպան զնա, եւ հատեալ զգլուխն փութապէս հասուցանէ առ թագաւորն Վասիլ (ԼԱՍ. 22): Կայսրը ուրախացաւ եւ Դաւիթի օժիտ տուաւ Կեսարիա, Ծամնդաւ եւ Խաւարտանէք քաղաքները հանդերձ սահմանօք (ՍՄԲ. 48), զոր չենք կարծեր իբր նոր թագաւորութիւն նկատել, այլ Սեբաստիոյ Արծրունի թագաւորութեան ընդարձակութիւն: Դաւիթի գործը որչափ ալ նենգաւոր, սակայն Հայ թագաւորները դժուար կացութենէ մը ազատած է, որոնք ապստամբ Նիկեփորոսի հետ անմիջական շփման մէջ` չէին կրնար անոր դէմ դնել, մինչ կը տեսնէին որ վերջին յաղթութիւնը Վասիլի պիտի մնար: Լաստիվերտցին կերպով մը կ՚ուզէ Դաւիթի գործը արդարացնել, ըսելով թէ յանկարծակի իբրեւ ի քնոյ զարթուցեալ, եւ տեսեալ զգործսն անպատեհութեան, եւ զի ոչ գոյր այլ իւիք խափան առնել չար միաբանութեան, այդ սպանութիւնը կատարեց (ԼԱՍ. 22): Բայց Սմբատ կը վկայէ թէ Դաւիթ չկամեցաւ ստել զդաշինս Վասլին, այն է զի հնարեսցէ զկորուստ Նիկեփորոսի (ՍՄԲ. 48): Չմոռանանք որ այդ պարագային էր որ Պետրոս Տրապիզոնէ Սեբաստիա կու գար, եւ գուցէ ինքն էր Վասիլի յանձնարարութիւնները Սենեքերիմի եւ անոր որդիներուն հաղորդողը: Դիտողութեան արժանի է Կիրակոսի ըսելը, թէ հրամցեաց կայսրն հայրապետին դնել զաթոռ իւր ի Սեբաստիա (ԿԻՐ. 54), որ կայսեր հրահանգով Սեբաստիա եկած ըլլալը կը հաստատէ:

830. ՊԵՏՐՈՍԻ ԿԵԱՆՔԸ

Պետրոս քանի մը տարի շարունակեց Սեբաստիա մնալ, իբրեւ Արծրունի թագաւորին հիւրը, կամ լաւ եւս իբր յունական հովանաւորութեամբ պաշտպանուած: Հարկաւ կարեւոր պարագաներ կը ստիպէին զինքը հեռու մնալ իր աթոռէն եւ Անիի կաթողիկէէն, թէպէտ այնտեղ ունեցած ճոխութիւնը չէր կրնար ամբողջաբար վայելել Սեբաստիոյ մէջ: Ուրիշ առիթով մը բացատրուած կը գտնենք այդ ճոխութեան մանրամասնութիւնները, զորս նա կը վայելէր յաթոռ հայրապետութեան ի Հայաստան աշխարհին: Իբրեւ հասութից աղբիւր տուեալ ի թագաւորացն Հայոց, ունէր հինգ հարիւր գիւղ անուանիք եւ մեծանիք եւ շահաւէտ ընտիր ընտիր: Իսկ իբր հետեւորդ ի տան հայրապետին կը գտնուէին 12 եպիսկոպոս, 4 վարդապետ, 60 կուսակրօն քահանայ եւ 500 ամուսնացեալ երէց, այնպէս որ չէր նուաստ աթոռ հայրապետութեանն քան զթագաւորութեանն Հայոց (ՈՒՌ. 185): Մեր տեսութեամբ գրչագրական սխալ մը պէտք է ընդունիլ 500 գիւղերու եւ 500 երէցներուն թիւերուն վրայ, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսական թեմերուն համար ալ` որ 500 ըսուած են, եւ նոյնչափ եպիսկոպոսք փառաւորք գաւառատեսուչք (ՈՒՌ. 184). մինչ Լուսաւորչի ատենն ալ եպիսկոպոսարաններու թիւը 400 ըսուած էր 67): Նմանապէս, ունէր կազմութիւն հայրենեաց բացատրութիւնը` չենք կարծեր թէ Պետրոսի ստացութեանց վրայ պէտք ըլլայ մեկնել (ԳԵՏ. 18), քանի որ անմիջապէս աւելցուած է տուեալ ի թագաւորացն Հայոց, որ Տրդատէ սկսելով հայրապետական աթոռին նուիրուած կալուածները կը ցուցնէ (ՈՒՌ. 184): Բայց զգալապէս քիչցնելով ալ տրուած թիւերը, կաթողիկոսը պիտի փափաքէր, որ յաթոռ հայրապետութեան ի Հայաստան աշխարհի ըլլար, եւ ոչ Սեբաստիոյ պանդխտութեան մէջ: Պետրոս ամս ինչ Սեբաստիա անցընելէ ետքը (ՉԱՄ. Բ. 903) Անի կը դառնայ, ինչ որ յարմարագոյն կը գտնենք դնել 1026-ին ատենները, այսինքն, երբ Վասիլ կայսեր եւ Սենեքերիմ թագաւորին մեռնելէն ետքը, ինքն ազատ էր երես առ երես հաստատուած պայմաններուն համակերպելէ:

831. ՎԱՍԻԼ ԵՒ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ

Վասիլ, որ 976-ին գահ բարձրացած էր, պատմութեանց մէջ ծանօթ երկարակեաց վեհապետներէն մէկն է, 50 ամբողջ տարիներ իշխանութիւն վարած լինելով, որ բաւական ալ արդիւնաւոր կրնայ սեպուիլ, կայսերական գահուն յարափոփոխ կացութենէն ետքը` այսպիսի տեւական իշխանութիւն մը յաջողցնելուն, եւ կայսրութեան զօրութիւն եւ ընդարձակութիւն ալ աւելցնելուն պատճառով, որով կրցաւ իրաւամբ կոչուիլ հզօր ի թագաւորս, եւ միշտ յաղթող ի պատերազմունս (ԼԱՍ. 30): Միայն տարապարտ կը գտնենք սրբութեամբ եւ կուսութեամբ եւ բարի խոստովանութեամբ անուանի մարդ մը եղած ըսել (ՈՒՌ. 61), երբոր այդ վկայութիւնները տուող պատմիչներն ալ կը վկայեն, թէ շատ շատեր բանտերուն մէջ կը նեղէր, եւ կորստական տուն մըն ալ ունէր, զոր լի արարեալ էր իշխանօքն Յունաց, զորս գաղտ ի ծածուկ խեղդամահ կ՚ընէր կախեալ զգեստուքն ընդ փողիցն ի ճանկս երկաթիս (ՈՒՌ. 63): Տրապիզոնի ջրօրհնէքը եւ Հայոց դաւանութեան մասին հաշտ աչքով նայիլն է որ գրաւած է մեր պատմիչներուն սիրտը, սուրբ թագաւորն Վասիլ ըսելու չափ (ՈՒՌ. 61): Բայց պէտք չէր որ միտքէ հեռացնէին, թէ ինչ պայմանով եւ ինչ գնով եղան այդ համակիր զգացումները: Վասիլի յաջորդեց իր եղբայրն ու գահակիցը Կոստանդին Թ., զոր ինքն Վասիլ հռչակեց իր վերջին օրերը, եւ անոր յանձնարարեց Հայերուն պաշտպանութիւնն ալ (ՍՄԲ. 49): Կայսերական գահին վրայ բարեսէր եւ խաղաղական վարչութիւն մը ունեցաւ Կոստանդին, իր եղբօր բուռն եւ պատերազմասէր ձգտումներէն հեռու, բայց որովհետեւ ինքն ալ տարիքը առած էր, շատ երկար չվայելեց իր իշխանութիւնը, եւ երեք տարիէն մեռաւ 1028-ին: Իր օրով տեղի ունեցաւ Վասպուրականի կուսակալ Կոմիանոսի 825) ապստամբութիւնը, որ նոյնիսկ իրեններէն ձերբակալուեցաւ, առաջ ներման հանդիպեցաւ, բայց միւս տարին պատժուեցաւ, եւ Վասպուրականի կուսակալութեան ղրկուեցան հետզհետէ Նիկիտոմ եւ Սիմոն ներքինիներ (ԼԱՍ. 30): Սա ինքն Կոստանդին կայսր խիղճ ըրաւ իր եղբօր կնքած անիրաւ դաշնագիրէն օգտուիլ, եւ ուզեց Յովհաննէս Սմբատի յանձնառութեան գիրը անոր դարձնել: Իբրեւ ապահովագոյն միջոց Հայ եկեղեցական մը կը փնտռէ, եւ կաթողիկոսարանի հիւրատես Կիրակոս երէցին կը յանձնէ նոյն գիրը, եւ կ՚ըսէ, Տար զգիրդ եւ տուր ի թագաւորն Հայոց, որպէս զի յորդւոց որդի իրենց մնայ իրենց թագաւորութիւնը (ԼԱՍ. 46), դժբախտաբար Կիրակոս նամակը տեղը չտարաւ, եւ մօտը պահեց ժամանակին օգտուելու համար:

832. ՀԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Սենեքերիմ 1025 տարին վախճանեցաւ, եւ իրեն յաջորդեց որդին Դաւիթ, որ իր հօր մարմինը հոգաց Վարագայ վանքը թաղել տալ, հայրենական դամբարաններուն մօտ: Ժամանակակից է Ափխազաց թագաւոր Գէորգի մահն ալ, որուն յաջորդեց որդին Բագարատ (ՍՄԲ. 50), եւ այս փոփոխութեանց միջոցին լաւ կը յարմարի Պետրոսի Սեբաստիայէ Անի վերադառնալը: Անկէ ետքը մինչեւ Պետրոսի Վասպուրական փոխադրուիլը, որ է 1026-էն մինչեւ 1033, մերձաւորաբար եօթը տարիներու միջոցը, բնաւ մտադրութեան արժանի եղելութիւն չի ներկայեր, եւ ոչ ալ Պետրոսի վրայ ազդեցիկ եւ զօրաւոր դիրք մը կը վկայէ: Պետրոս որ Յովհաննէս Սմբատ թագաւորին մտերիմն եղած էր, եւ անոր կողմէն դժբախտ դաշինքը կնքած էր Վասիլի հետ, չվայելեց այլեւս նոյն մտերմութիւնը, եւ ինքն Սմբատ, տկարոգի անձ մը, իր շրջանակէն ազդուելով, չուզեց այլեւս Պետրոսի վրայ կրթնիլ: Երկու նոր անձեր յառաջ եկած կը տեսնուին Անիի արքունիքին մէջ, որ ազդեցիկ դերեր կը վարեն: Ասոնց առաջինն է, Սարգիս Սիւնի, Հայկազն եւ Ազատ, եւ աւելի յաճախ Վեստ մականունովը ծանօթ, ոչ Սիւնեաց արքունական ցեղէն, այլ նախարարազուն մը միայն, մեծապատիւ անձ մը, որ բազում շինուածոց բերդից եւ եկեղեցեաց հիմնարկող էր եղած, որոնց մէջ յանուանէ կը յիշուին Խցկունք, որ են Խնձկոնք, եւ Ծառաքար (ԿԻՐ. 51): Միւսն էր Գրիգոր Պահլաւունի, Վասակի որդին, որ գլխաւոր դիրք մը ստացած էր թէ իր տոհմին եւ թէ արքունիքին մէջ, իր ուսման եւ զարգացման ոյժով, թէպէտեւ դեռ կենդանի էր իր մեծ հօրեղբայրն Վահրամ, ներքին գործերով չզբաղող, քաջ եւ պարզ զինուորական մը: Ընդհանուր կեանքը զեղծ եւ անկարգ ընթացք մը ունէր, մինչեւ իսկ կաթողիկոսն ալ կը մեղադրուէր այդ մասին, եւ իր թագաւորանման հայրապետանոցը 830) ենթարկուած էր պալատական զեղծումներու (ԳԵՏ. 19): Շրջակայից մէջ Կարսի թագաւոր Աբասը կը մեռնի 1029-ին, եւ իրեն կը յաջորդէ որդին Գագիկ: Վրաց եւ Աղուանից եւ Ափխազաց վրայ կը թագաւորէր Բագարատ, Գէորգի որդին 830), իրեն համար բաւական անկախ դիրք մը ապահովելով: Յովհաննէս Սմբատի եղբայր Աշոտ այլեւս հանդարտած էր իրեն բաժին տրուած Դրուց աշխարհին մէջ, սպասելով թերեւս իր թանձրամիս եւ թուլամորթ եղբօր մեռնելուն: Ուրիշ հայ իշխան մըն ալ Դաւիթ Անհողին էր, Գուրգէնի որդին եւ Սմբատի ու Աշոտի հօրեղբօրորդին, որ բաւական ընդարձակած ըլլալով իր սեփական Տաշիրքը, իրեն համար չէզոք եւ հանդարտ դիրք մը կազմած էր 800), եւ միայն աւելի ետքը պիտի տեսնենք զայն նոր ձգտումներու ձեռնարկած:

833. ՄԵԾ ԽԱՒԱՐՈՒՄԸ

Այդ միջոցին պատահած արեւի նշանաւոր խաւարումը, մեծ տպաւորութիւն գործեց ազգային կացութեան վրայ: Խաւարումը ամբողջական եղած պիտի ըլլայ, քանի որ եղեւ տիւն զերդ գիշեր (ՍՄԲ. 52), եւ այնչափ թանձր էր մթութիւնը, որ մինչեւ իսկ ամենայն աստեղքն առհասարակ երեւէին որպէս ի մէջ գիշերի (ՈՒՌ. 75): Խաւարումին օրը Սմբատ եւ Ուռհայեցին Հայոց 485 թուականին կը դնեն, այլ նախադասելի կը գտնենք Լաստիվերտցիին գրածը, յամսեանն արաց, յաւուրն ուրբաթու, ի դառնալ աւուրն, էր եւ թուականին մերոյ չորեքհարիւր ութսունեւերկու ամ (ԼԱՍ. 38): Ամիսը նշանակելով ամսուան օրը չի նշանակելը, կը թելադրէ ի դառնալ աւուրն բացատրութիւնը իբր ամսամուտի օր իմանալ, եւ իրօք ալ 482 արացի ամսամուտը Ուրբաթի կը հանդիպի, եւ կը պատասխանէ 1033 Օգոստոս 10-ին: Ահագին տեսիլը ամէնը սարսեցուց, ահաբեկեալ լինէին յերկիւղէն որպէս մեռեալ (ՈՒՌ. 76), սասանեցան ընդ սոսկալի նշանն (ՍՄԲ. 52), եւ կարծեցին գոլ մեծամեծ չարեաց գուշակ (ԼԱՍ. 38): Նոյնինքն Պետրոս կաթողիկոս եւ Յովհաննէս թագաւոր ալ այլյայլմէ եղած յատուկ պատգամաւորութիւն մը ղրկեցին Յովհաննէս Կոզեռն վարդապետին, իբր ժամանակին գերագոյն գիտնականին, զի գիտասցեն զմեկնութիւն մեծ նշանին: Ուրիշ նշանաւոր իշխաններու եւ գլխաւոր եկեղեցականներու հետ, պատգամաւորութեան մէջ կը գտնուէին Սարգիս Հայկազնը եւ Գրիգոր Պահլաւունին (ՈՒՌ. 76): Եկողները գտան վարդապետը լացուկոծի եւ խորախորհուրդ մտածութեանց մէջ ընկղմած, որ քանի մը ժամ զիրենք սպասցնելէ ետքը, պատգամախօսի ոճով կը սկսի յայտնել, թէ աշխարհի եւ մարդիկներուն չարաչար ընթացքն է, որ երկնից բարկութիւնը շարժած է, եւ Յայտնութեան գիրքին նախատեսածը լրացած է: Սատանան որ կապուած էր, որպէսզի այլ մի եւս մոլորեցուսցէ զազգս, մինչեւ կատարեսցի հազար ամն, լուծուած է այլեւս իր կապանքներէն (ՅՅՏ. Ի. 1-3), վասնզի ճիշդ ալ Քրիստոսի մահուընէն սկսելով հազար տարիները կը լրանային 1033 թուականին (ՈՒՌ. 78). Կոզեռն իր կշտամբանքներուն մէջ չկասեցաւ յայտնապէս կաթողիկոսութիւնն ալ մեղադրել ըսելով. Յայսմհետէ բազում հերձուածք մտանեն յեկեղեցի Աստուծոյ ի ծուլութենէ հայրապետաց, վասնզի թուլամորթին եւ տկարանան եւ հաւատոյ քննութիւն ոչ առնեն, եւ կան յիմարեալք, յաղագս արծաթոյն թողուն ի բաց զհաւատն (ՈՒՌ. 79): Եւ դարձեալ, թէ զամենայն անկեալս եւ զորոշեալս ի շնորհաց Որդւոյն Աստուծոյ յառաջ կոչեն, եւ ածեն զնոսա ի կարգ քահանայական, եւ զամենայն մերժեալսն գլուխ եւ առաջնորդ կացուցանեն ի վերայ ժողովրդեանն Աստուծոյ, եւ ոչ գիտեն զինչ գործեն վասն զի կուրանան ի սաստկութենէ արծաթասիրութեան (ՈՒՌ. 82), եւ ուրիշ շատ մը նմանօրինակ խօսքեր, որոնք յայտնի ակնարկներ կը դառնան, երբոր բաղդատենք Լաստիվերտցիին գրածին հետ, թէ յոյժ սիրող էր գանձուց Պետրոս, որ եւ բազումք վասն այնր եպերէին զնա (ԼԱՍ. 72), եւ յիշենք թէ Կոզեռն Տրապիզոն կը գտնուէր Պետրոսի բանակցութեանց ատեն 827): Խաւարումը եւ Կոզեռնի մեկնութիւնը աստիճան մը եւս դժուարացուցին Պետրոս կաթողիկոսի կացութիւնը Անիի մէջ, որ անկէ խոյս տալէ տարբեր կերպ մը չգտաւ իր դիրքը պահպանելու համար: Նոյնինքն թագաւորն Յովհաննէս գժտութեամբ կ՚ապրէր ընդ հայրապետին Պետրոսի (ԿԻՐ. 51), եւ քինով կը վարուէր անոր հետ (ՎԱՐ. 98): Ուստի զայրացեալ տէր Պետրոս կաթողիկոսն յԱնի ի Յովհաննէս թագաւորէն եւ յիշխանացն (ՍԱՄ. 107), յարուցեալ յաթոռոյ իւրմէ ծածկաբար, եւ գնաց ի Վասպուրական խռովութեան աղագաւ (ՈՒՌ. 89), եւ բնակեցաւ ի Ձորովանս Սալնապատի (ՍԱՄ. 107): Խռովութեան աղագաւ, եւ ծածկաբար մեկնիլը, որոնք բնաւ հայրապետական վեհութեան կնիքը չեն ցուցներ, բաւական են հաստատել, թէ կցկտուր է Պետրոսի գովաբաններէն մէկուն տուած մեկնութիւնը, թէ Պետրոս հեռացած ըլլայ, զի թագաւորն եւ ամենայն նախարարք եւ ազատագունդ զօրք Հայոց ոչ լինէին ունկնդիր աստուածային պատուիրանացն (ՈՒՌ. 87): Կոզեռնի խօսքերը կը վկայեն, թէ աւելի ինքն հայրապետը շատ նախանձայուզութիւն չունէր աստուածային պատուիրաններուն վրայ, եւ իր քաղաքական ուղղութիւնն եւ թագաւորավայել հայրապետանոցն էր, որ ամենուն միտքը իրեն դէմ կը գրգռէր:

834. ՊԵՏՐՈՍ Ի ՁՈՐՈՎԱՆՔ

Եթէ իրօք աստուածային պատուիրաններուն նախանձայուզութիւնն էր Պետրոսի մեկնելու շարժառիթը, նա ոչ ծածկաբար, այլ յայտնի յանդիմանութեամբ եւ բողոքով կրնար իր աթոռը թողուլ եւ հեռանալ, եւ ոչ թէ իր ժողովուրդը լքանել, այլ մերձակայ վանք մը առանձնանալ, մինչ Պետրոս Հայոց թագաւորութեան սահմաններէն կ՚ելնէ, եւ կ՚երթայ Ձորովանք, յունական կայսրութեան հովանաւորութեան ներքեւ, ու Վասպուրականի յոյն կուսակալին պաշտպանութեան կ՚ապաւինի: Ասով յայտնի կը ցուցնէ, թէ քաղաքական դիտումն էր` իր ուղղութիւնն ու սկզբունքը: Իսկ Ձորովանքը իր բնակավայր ընտրելը շատ հասկանալի է, քանի որ Գէորգ Գառնեցիի 695), եւ Յովհաննէս Դրասխանակերտացիի օրէն 732) կաթողիկոսական աթոռանիստ եղած էր, եւ նոյնինքն Վահան Սիւնին ալ հոն ապաւինած էր իր գահազրկութենէ ետքը 770): Ինչ որ Պետրոսի պաշտպանութեան պիտի աւելցնենք իր եկեղեցւոյն դաւանութեան վրայ հաստատամտութիւնն է, վասնզի երբեք քաղկեդոնականութեան կասկածի ներքեւ չինկաւ իր ընթացքը, այլ Յոյներուն աչքին քաղաքական օգուտի եւ տիրապետութեան խոստումները շողացնելով, հեռու կը պահէր կրօնական պահանջումներ ընելէ: Պետրոսի բացակայութիւնը ի Վասպուրական տեւեց զամս չորս (ՍԱՄ. 107, ՈՒՌ. 87): Թագաւորն եւ իշխաններ ուզեցին քաղցրութեամբ ետ դարձնել, բայց նա աղաչանօք ո'չ դարձաւ (ՎԱՐ. 98), հարկաւ կռահելով թէ իրեն հանդէպ անկեղծ չէր հակառակորդներուն ընթացքը: Իրաւ ալ անոնց միտքը Պետրոսի ձեռքէն ազատիլն էր, եւ զայն հայրապետական աթոռէն զրկել. բայց այդ բանը չէին համարձակեր ընել Պետրոսի ազատ եղած ատեն, վասն զի շատ հաւանական էր աթոռի բաժանման տագնապ ծագիլը, քանի որ Պետրոս պաշտպանուած էր Յունաց կողմանէ, եւ Հայաստանի մեծագոյն մասը կայսրութեան ներքեւ մտած էր: Անիի թագաւորն եւ իշխանները ամէն տեսակ միջոցներ գործածեցին, որպէս զի Պետրոսը Անի դարձնեն եւ իրենց ձեռքին ներքեւ ունենան, եւ հազիւ յաջորդեցան չորս տարի աշխատելէ ետքը 1037-ին: Պատմիչներ տարբեր միջոցներ կը յիշեն այդ եղելութեան, մէկը կ՚ըսէ թէ խաբանօք յուղարկեալ տարան յԱնի (ՍԱՄ. 107), միւսը կը պատմէ թէ ածաւ բռնութեամբ ի ձեռն տուկի կողմանցն (ՎԱՐ. 98), որ է Վասպուրականի դուքսը կամ կուսակալը: Իսկ ուրիշ մը կը վկայէ թէ թագաւորն Յովհաննէս եւ ամենայն նախարարք Հայոց գրեցին նենգութեամբ առ տէր Պետրոս, լինել ունկնդիր հրամանաց նորա, եւ ականջալուր լինել ամենայն լուսաւոր վարդապետութեան նորա (ՈՒՌ. 87): Քանի որ միտուընին անգամ մը Պետրոսը իրենց ձեռքին ներքեւ ունենալն էր, թէ խաբէական խոստումները եւ թէ Յոյն կուսակալին միջնորդութիւնը գործածած են անխտիր, որպէսզի նպատակնին իրականացնեն, ինչ որ վերջնապէս յաջողցուցին, եւ Պետրոս հաւանեցաւ դառնալ Անի, որ իրեն ալ փափաքելի էր, եւ Ձորովանքի մէջ արգելական մնալէն ալ շատ աւելի ախորժելի:

835. ԴԷՈՍԿՈՐՈՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Բայց հազիւ թէ Պետրոս մտանէր ի քաղաքն Անի, թագաւորին հրամանով ձերբակալուեցաւ, եւ արգելական ղրկուեցաւ Բջնի բերդը, Պահլաւունիներու պահպանութեան յանձնուելով, եւ կաթողիկոսութենէ զրկուած հռչակուեցաւ: Միեւնոյն ատեն պարտուպատշաճ միջոցներ ձեռք առնուեցան կաթողիկոսական իշխանութիւնը դատարկ չձգելու համար, եւ վերջապէս հաւանեցուցին Սանահին վանքին առաջնորդ Դէոսկորոսը, որ յանձն առաւ կաթողիկոս օծուիլ եւ իշխանութիւնը ձեռք առնել: Պետրոսի արգելականութիւնը զտարի մի եւ զամիսս հինգ իսկ Դէոսկորոսի կաթողիկոսութիւնը զտարի մի եւ զամիսս երկու ըսուելէն (ՈՒՌ. 88) կը հետեւցնենք, թէ երեք ամիս պէտք եղաւ աշխատիլ, մինչեւ որ կաթողիկոսութեան մասին նոր կարգադրութիւն մը յաջողցնեն, որ կատարուած կ՚ըլլայ 1037 Նոյեմբերին, իսկ Պետրոսի բանտարկութիւնը 1037 Օգոստոսին մէջ պէտք կ՚ըլլայ դնել: Ոչ Պետրոսի աթոռազրկութիւնը եւ ոչ Դէոսկորոսի աթոռազրկութիւնը կանոնական օրինաւորութեան պայմանները չունեցան, եւ ըստ Աստուծոյ հրամանին չեղան (ՈՒՌ. 88), եւ այս պատճառով մենք ալ Դէոսկորոսը հակաթոռ մը կը նկատենք, եւ կաթողիկոսներու գաւազանագիրքին չենք անցըներ: Այս բանին գլխաւոր եւ հիմնական պատճառն է, որ Պետրոսի դատաստանը ազգային եպիսկոպոսական ժողովի մէջ չտեսնուեցաւ, եւ ժողովական որոշմամբ անոր աթոռազրկութիւնը չվճռուեցաւ, ինչպէս Վահանի համար եղած էր 770), այլ թագաւորական հրամանով եւ անակնկալ կերպով բանտարկուեցաւ, եւ իշխանութենէ դադարած հռչակուեցաւ: Այս պատճառով ի ձեռնադրութեանն Դէոսկորոսի ոչ ժողովեցան եպիսկոպոսք եւ քահանայք եւ հայրապետք այսինքն վանահայրներ, եւ չուզեցին անոր անունը յիշել պաշտամանց մէջ, որով ոչ քարոզեցաւ անուն նորա ի մէջ եկեղեցւոյ ընդ այլ հայրապետն, ինչպէս որ օրէնք էր (ՈՒՌ. 88): Հարկաւ օծումը կատարելու չափ եպիսկոպոսներ գտնուեցան, որոնք արքունիքին կամքը գործադրեցին, եւ հարկաւ յիշատակութիւնն ալ ըրած են, ուստի ոչ բովանդակութեան, այլ մեծամասնութեան վրայ պէտք է իմանալ եպիսկոպոսաց դիմադրութիւնը: Իր կողմնակիցներուն թիւը շատցնելու համար Դէոսկորոս պարտաւորուեցաւ նոր ձեռնադրութիւններ կատարել, եւ այս իմաստով ըսուած է, թէ յանդգնեալ ըստ սրտին խորհրդոյն եւ զբազումս յանարժանիցն ձեռնադրեաց յեպիսկոպոսութիւն: Միւս կողմէ Պետրոս ալ հանդարտ մնացած չÿերեւիր, վասն զի ինքն ալ, եւ իր կողմնակից եպիսկոպոսքն եւ վարդապետքն Հայոց աշխարհին` նզովիւք փակեցին զթագաւորն եւ զամենայն նախարարսն Հայոց վասն հակառակութեանն, եւ հարկաւ անոնց հետ Դէոսկորոսի համամիտ եպիսկոպոսներն ալ, որոնք սակայն ականջ չկախեցին, եւ Դէոսկորոս ալ զանոնք իր կարգին արձակուած հռչակեց, եւ այս է ըսելը թէ որք մերժեալ էին յաթոռոյ, յառաջ կոչեաց (ՈՒՌ. 88): Իսկ Դէոսկորոսի անձին վրայ վատ բան մը չեն գրեր, նոյնիսկ իրեն համակիր չեղողները: Նա մինչեւ վերջ կը նկատուի այր սուրբ եւ առաքինի (ՎԱՐ. 98), եւ ըրածն ալ միամտութեան կը վերագրուի, թէ կարի յոյժ խաբեալ եղեւ մեծ հռետորն Դէոսկորոս (ՈՒՌ. 88):

836. ՊԵՏՐՈՍ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ

Յովհաննէս թագաւորն ու իրեն իշխանները չգտան այն յաջողութիւնը, որուն կը սպասէին Պետրոսը աթոռէն հեռացնելով, ընդհակառակն երկրին մէջ շփոթութիւնները աւելի շատցան, ներքին կացութիւնը վրդովուեցաւ, եպիսկոպոսներ առանց իրենց օծութեան կատարուած փոփոխութեան դէմ ելան, ժողովուրդն ալ գրգռեցին, մինչեւ իսկ արքունիքը իր կացութեան վրայ սկսաւ տագնապիլ: Հարկաւ պէտք եղած միջոցները փորձուեցան, եւ ապարդիւն եղան, որ թագաւորն եւ իշխանքն Հայոց սարսեալք ի յահէ անիծիցն, եւ յուզումներուն առջեւը առնելու համար, կամեցան դարձուցանել զտէր Պետրոս յաթոռ իւր (ՈՒՌ. 89): Այդ փոփոխութեան մէջ պէտք է գլխաւոր դեր մը ընծայել Գրիգոր Պահլաւունի իշխանին, որ է նոյնինքն Գրիգոր Մագիստրոսը: Մենք տեսանք որ Գրիգոր` Յովհաննէսի արքունիքին գլխաւոր գործիչներէն էր, եւ հնար չէր որ ինքն Պետրոսի դէմ եղած հակառակութեանց եւ անոր դէմ յարուցուած հալածանքին մասնակից եղած չըլլար: Նոյնիսկ Պետրոսի Բջնի բերդին մէջ բանտարկուիլը, եւ Պահլաւունի իշխանին Պետրոսի բանտապահ ըլլալը, նշան է թէ նա Պետրոսի գլխաւոր հակառակորդներէն էր: Բայց բանտարկելոյն եւ բանտապահին անմիջական յարաբերութիւնները անոնց զգացումները փոխեցին եւ Պետրոս ու Գրիգոր անբաժանելի մտերիմներ եղան: Երկուքին միջեւ փոխանակուած թղթակցութիւնը կը ցուցնէ, թէ Պետրոս Գրիգորի կողմէ պաշտելի կերպարան կը նկատուի, որուն անպայման սէր եւ յարգ, պատկառանք եւ գրեթէ պաշտելութիւն կը դաւանի: Այդ փոփոխութեան գլխաւոր պատճառ կը կարծենք երկուքին հաւասարապէս գիտնականութիւնը, որ փոխադարձ յարգանք զգալու առաջնորդեց: Քաղաքական տեսակէտէն ալ Պետրոս կրցած է Գրիգորը վաստկիլ կատարեալ յունասէր, չըսենք յունամոլ, ուղղութեան` որուն Պետրոս մեծ քարոզիչն ու ժիր գործիչն էր, եւ այս երեսէն սիրելի չէր եղած ազգային զգացումներ ունեցող Անիի արքունիքին, բայց հալածուելով հանդերձ` իր ուղղութենէն եւ իր համոզումէն ետ չէր կեցած, եւ մինչ մէկ կողմէն եպսիկոպոսական շարժումին զօրութեամբ իր տեսութեանց պաշտպանութիւնը յառաջ կը մղէր, եւ հակառակորդ արքունիքին դէմ կը մաքառէր, միւս կողմէն առաքինական հանդարտութեամբ Բջնիի առանձնութեան մէջ կը մնար, սիրելով ընթերմամբ եւ ուսմամբ պարապիլ: Գրիգորի վկայութեամբ կը տեղեկանանք, թէ գլխաւորապէս Եփրեմ Ասորիի Հաւատոց գիրք գործն էր իր կարդացածը, զոր Գրիգորի ալ տուած էր կարդալու, որ ետ դարձուցած ատեն, զայն կը կոչէր զընկերդ քո ի քում միայնութեան (ՄԱԳ. 4): Ուրիշ անձ մըն ալ անշուշտ, որ այդ պարագաներուն մէջ, ազդեցիկ դեր մը կատարած պէտք է ըլլայ, Գրիգորի կրտսեր հօրեղբայրը Տիգրան Ապլղարիպն է, որ Յովհաննէսի արքունիքին մէջ մարզպանի (ՇԱԿ. 82), կամ ուրիշ բացատրութեամբ` հարկերու վերատեսուչի եւ գանձային պաշտօնեայի գործը կը վարէր (ՄԱԳ. ժէ), եւ անգործ չէր մնար, երբոր ամէն կողմէ ընդդիմամարտ զգացումներ արքունիքը վերիվայր կ՚ընէին: Ապլղարիպի ընթացքը չէր կրնար տարբերիլ իր եղբօրորդիէն, որ Պահլաւունի գերդաստանին գլխաւորը կը նկատուէր, թէ ոչ տարիքով, գոնէ գիտութեամբ եւ արժանեօք:

837. ՊԵՏՐՈՍԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Երբոր արքունիքը խոնարհեցաւ Պետրոսը իր աթոռը դարձնելով խաղաղութիւն հաստատելով եւ իր իսկ դիրքն ալ ապահովել, այս անգամ Պետրոս ինքն էր որ զաւուրս բազումս ոչ առնոյր յանձն, թէպէտ ամենեքեան խնդրէին թողութիւն ի նմանէ, բայց նա իր ընդդիմութեան մէջ հաստատ կը մնար, եւ պնդեալ կայր (ՈՒՌ. 89): Ոչ թէ Պետրոս նորէն աթոռը գրաւելու կամք չունէր, այլ կը պահանջէր որ ապօրինի ձեւով եւ գրեթէ բռնութեամբ կատարուած գործը օրինական ձեւ առնէ. թագաւորի կամքով մերժուած եւ թագաւորի կամքով դարձող մը չըլլայ, այլ եպիսկոպոսաց ժողովով իր արդար իրաւունքը հաստատուի: Ըստ այսմ հարկ եղաւ Պետրոսի այդ պահանջքն ալ կատարել, ժողովին նախագահութեան հրաւիրուեցաւ ծերունին Յովսէփ կաթողիկոսն Աղուանից, որ իր եպիսկոպոսներով Անի եկաւ Հայոց 487 թուականին, 1038-ին վերջերը: Հայոց եպիսկոպոսները, վարդապետները, հայրապետները կամ վանահայրերը, կրօնաւորները, իշխանները եւ ազատներն ալ հրաւիրուեցան, մեծ ժողով մը գումարուեցաւ իբրեւ չորք հազարաց (ՈՒՌ. 89), եթէ թուատառի սխալմունք չկայ, եւ այնտեղ որոշուեցաւ Պետրոսի աթոռազրկութեան անկանոնութիւնը, եւ զայն իր աթոռը դարձնելու պէտքը: Հազիւ թէ ժողովական որոշումը լսուեցաւ, առանց կանոնական գործադրութեան սպասելու, ռամիկը յանդգնութեամբ գործելու մղուեցաւ: Դէոսկորոսի վրայ յարձակեցան յաւուր Յայտնութեան Տեառն, մինչդեռ օրհնէին զջուրն, կաթողիկոսական քօղը գլուխէն քաշէցին, ու պատռեցին, զի հանդիսութեանց ատեն քօղով վարէին յայնմ ժամանակի կաթողիկոսք, եկեղեցիէն դուրս քաշեցին, եւ հանին զնա անարգանօք ի քաղաքէն (ԿԻՐ. 51): Տրուած թուականներու համեմատ այդ եղելութիւնը կը կատարուի 1309 Յունուար 6-ին, կամ ըստ Հայոց 487 մարգաց 1-ին, շաբաթ օր: Այս կերպով Պետրոս փառօք եւ փառաւորութեամբ իր աթոռը կը դառնայ, եւ նորոգեալ ազդեցութեամբ իշխանութիւնը ձեռք կ՚առնէ, եւ եղեւ խաղաղութիւն սուրբ եկեղեցւոյն Հայաստան աշխարհին: Յովսէփի նախագահութեամբ հաւաքուած Անւոյ ժողովականները զամենայն ձեռնադրեալս ի Դէոսկորոսէ ընդ բանադրութեամբ փակեցին, զի մի ոք զնոսա ի կարգ քահանայութեան կոչեսցէ (ՈՒՌ. 90): Իսկ Դէոսկորոս, թէպէտ անարգեալ, եւ կարի յոյժ ամաչեցեալ (ՈՒՌ. 90), տրտմութեամբ (ԿԻՐ. 51), բայց անշշուկ դարձաւ ի վանս իւր, իբրեւ կատարելապէս այր սուրբ եւ առաքինի (ՎԱՐ. 98), եւ անդ եղեւ վախճան կենաց նորա, եւ իբր նշանաւոր անձնաւորութիւն մը եդաւ հուպ յեկեղեցին (ԿԻՐ. 51), սրբութեան համբաւ թողլով իր ետեւէն: Այնպէս որ յետ ժամանակաց երբ մեծամեծ փորձանքներ եկան Անիի վրայ, Անեցիք մտածեցին, թէ այս կոտորածք որ լինին ի քաղաքիս հանապազ, հետեւանք են յանդգնութեանն զոր գործեցին ընդ նա հարքն մեր: Ուստի Գրիգոր Տուտէորդիի Սանահին վանքի առաջնորդութեան ատեն, այր մի քարակոփ յղեցին Սանահին, որ յայտնի կամ գաղտնի առցէ մասն ինչ ի նշխարաց Դէոսկորոսի, զի թերեւս թողութիւն արասցէ քաղաքիս: Մարդը կը փորձէ գաղտնի վերցնել, բայց ահաբեկեալ ահիւ մեծաւ չի կրնար յաջողիլ. Տուտէորդիին կը դիմէ, եւ նա կը պատասխանէ, թէ ես ոչ կարեմ գործել զայդ իրս, եւ խորհուրդ կու տայ որ Անեցիներու բազմութիւն մը Սանահին գայ, եւ մեք ընդ նոսա պաղատեսցուք խնդրել զթողութիւն ի նշխարաց նորա, բայց գործը դժուարութեան կը հանդիպի, կը յապաղի, եւ վերջապէս կը խափանի (ԿԻՐ. 51): Արդ պատմութեան ստուգութենէն աւելի մեր նկատածը Դէոսկորոսի իր ետեւէն թողած բարի համբաւն է, որով միամտաբար հրապուրուած ըլլալը կը հաստատուի, դժուարին կացութեան դարման հասցնելու նպատակով:

838. ԱՆՈՐՈՇ ՎԻՃԱԿԸ

Պետրոսի տարած յաղթութիւնը, աւելի քան անձնական յաջողութեան, իր քաղաքական ուղղութեան յաղթանակն եղաւ: Այն օրէն որ Պետրոս` Յովհաննէս թագաւորի կողմէն Տրապիզոնի դաշնագիրը կնքեց Վասիլ կայսեր հետ 826), Պետրոսի ազդեցութիւնը ինկած էր Անիի մեջ, այնպէս որ հազիւ թէ կարճ միջոց մը դժուարութեամբ կրցաւ մնալ արքունիքին մօտ, երեք տարի Սեբաստիա ու չորս տարի Վասպուրական անցընել պարտաւորուեցաւ յունական պաշտպանութեան ապաստանելով: Սակայն նորէն աթոռ դառնալէն ետքը Պետրոսի ուղղութիւնն է, որուն կը շահուին Գրիգոր Պահլաւունիէ զատ Վեստ Սարգիսն ալ, եւ երեքներուն մէջտեղ մտերիմ գործակցութիւն մը կը հաստատուի, որ մոռացումի տրուած եւ Կոստանդին կայսրէ ալ ետ եղած 831), Տրապիզոնի կորստեան նամակին նոր ոյժ կ՚աւելցնէ, եւ մինչեւ անոր գործնական արդիւնաւորութեանը կը հասնի: Եպիսկոպոսական դասը, որ կանոնական օրէնքներու պահպանութեան նախանձայուզութեամբ աշխատեցաւ Պետրոսի կաթողիկոսութիւնը պաշտպանելու, ձախող հետեւանքի մը գործակից եղաւ, Անին վաճառողին եւ վաճառումը գործադրողին ոյժ տուած ըլլալով, թէպէտ չենք սիրեր ենթադրել` որ այդպիսի մտածմունք մը ուղղակի ինկած ըլլայ եպիսկոպոսներուն միտքը: Պետրոսի աթոռ դառնալը տեղի ունեցած էր 1039-ի սկիզբը, եւ երկու երեք տարւոյ չափ հանդարտ կացութիւն մը տիրեց, որովհետեւ կարծիքներ իրարու մօտեցած էին արքունիքի ազդեցիկներուն միջեւ, մինչ Յովհաննէս թագաւորը անձնական նշանակութիւնն ալ կորուսած էր: Աշոտ արքայեղբայր օրէ օր իր յոյսը կ՚աւելցնէր, եղբօրը մահուամբ առաջին գահը անցնելու, եւ արքունիքի ազդեցիկներուն ինքն ալ կը միանար ուղղութեամբ եւ գործով, այլ անակնկալ կերպով մահը կը հասնէր զինքն տանիլ եղբօրմէն առաջ: Յովհաննէսի կեանքն ալ աւելի չերկարեց, եւ ի միում ամի մեռան հարազատ եղբարքն Աշոտ եւ Յովհաննէս (ԼԱՍ. 44): Ասոնց մահուան տարին նշանակուած է Ուռհայեցիէն Հայոց 489 տարին (ՈՒՌ. 90), իսկ Անեցիին 499 գրածը (ՍԱՄ. 107), տպագրական կամ գրչագրական յայտնի սխալ պէտք է նկատել: Լաստիվերտցիին զկնի երից ամաց ըսելն (ԼԱՍ. 44) անորոշ կը մնայ, որ եղելութենէ սկսիլը ճշդուած չըլլալով: Զանազան եւ տարբեր ծանօթութիւնները մերձեցնելով, եւ Յովհաննէսի 20 տարին (ՍԱՄ. 105) հիմ առնելով, 1041-ի վերջերը կը նշանակուի Աշոտի, եւ 1042-ի սկիզբները Յովհաննէսի մահուան թուականը: Յովհաննէս անորդի էր, իսկ Աշոտ միայն պզտիկ տղայ մը թողած էր, Գագիկ անունով 12 (ՈՒՌ. 91), կամ լաւ եւս 15 տարեկան (ՍՄԲ. 54), որ ինքն իրեն չէր կրնար գործի գլուխ անցնիլ եւ ժառանգական իրաւունքը պաշտպանել: Ասկէ սկիզբն առաւ անիշխանական կացութիւնը:

839. ՅՈՅՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԸ

Կոստանդին Թ. ալ առանց արու զաւակ թողլու վախճանած էր, որով յաջորդութիւնը ինկաւ իր մեծ աղջկան Զոյիի ամուսնոյն, որ Ռոմանոս Գ. Արկիրոս անունով գահ բարձրացաւ 1028-ին: Խակամիտ զինուորական մը, յոյժ հաւանեալ քաղկեդոնական սահմանադրութեանն, մէկ կողմէն Սարակինոսներու դէմ պատերազմի կ՚երթայ Ասորիքի Բերիա կամ Հալէպ քաղաքը, միւս կողմէն Սեաւ Լերան միայնակեացները եւ Ասորւոց եպիսկոպոսը կը նախատէ եւ կը հալածէ, բայց չարաչար կը յաղթուի Հալէպի եւ Ուռհայի պատերազմներուն մէջ (ԼԱՍ. 32): Ռոմանոս Կոստանդնուպոլիս դառնալէն ետքը, Զոյի կայսրուհոյն կամակցութեամբ, եւ իր պաշտօնէից ձեռքով բաղնիքի լականին մէջ կը խեղդուի 1034 Ապրիլ 11-ին, աւագ Հինգշաբթի օր (ԼԱՍ. 35): Զոյի թագուհին մէկ հոմանիին հետ ամուսնանալով զայն կայսր հռչակել կու տայ Միքայէլ Դ. Պափղագոն անունով, որ նորէն մտադրութիւն կը դարձնէ Արեւելքի վրայ, եւ թէպէտ անգամ մը Յունական զօրքը չարաչար կը յաղթուի Արճակի մօտ (ԼԱՍ. 37), բայց միւս տարին կը յաջողի ետ մղել Պարսկաստանէ եկող Սելճուքները, եւ ապահովել Վասպուրականի նահանգը (ԼԱՍ. 38): Այս պարագայէն կը մտածէ օգտուիլ կաթողիկոսարանի հիւրընկալ Կիրակոս երէցը, որ Կոստանդինէ յանձնուած նամակը` Յովհաննէսի դարձնելու յանձնառութիւնն էր ստացած 831), բայց առանց յանձնելու քովն էր պահած, մինչեւ ի ժամանակս Միխայէլի թագաւորութեանն, ուստի կրցաւ նորէն կայսեր դարձնել, եւ վաճառեալ նմա, առ գանձ բազում (ԼԱՍ. 46): Զարտուղի խորհրդածութիւն մը աւելորդ չÿերեւիր այստեղ: Գրեթէ տասը տարիներու միջոց մը պէտք է ենթադրել, 1028-է 1038, այդ դժբախտ նամակին Կոստանդինէ Կիրակոսի յանձնուելուն, եւ Կիրակոսէ Միքայէլի վաճառուելուն մէջ, եւ հաւանական չէ կարծել որ կաթողիկոսարանի հիւրընկալը շարունակ Կոստանդնուպոլիս մնացած ըլլայ առանց Հայաստան իր պաշտօնին դառնալու: Արդ այս միջոցը կը պատասխանէ Պետրոսի Անիի մէջ հակառակութեանց ներքեւ, եւ Ձորովանք առանձնութեան մէջ, եւ Բջնի բանտարկեալ վիճակով անցուցած տարիներուն: Արդեօ՞ք անիրաւած կ՚ըլլանք Պետրոսի անձին, եթէ ենթադրենք թէ Կիրակոս երէց, Պետրոսի պաշտօնեան, ուղղակի անոր հողորդած է ստացած աւանդը, անոր խորհուրդով չէ յանձնած արքունիքին, եւ վերջապէս նոյն զայրացած կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Կոստանդնուպոլիս դարձուցած է` իրեն կամ անոր մօտ պատուած նամակը, եւ Միքայէլի յանձնած, կրկնակի վճարմամբ օգտուելով միեւնոյն վաճառումէն: Խորհրդածութիւն մըն է, որ մեր միտքին մէջ կը ծագի, եւ ընթերցողներու խիղճին կը թողունք իրենց դատողութիւնը կազմել: Անշուշտ միեւնոյն տեսութեամբ գլխաւոր դերակատարին կ՚ակնարկէ Լաստիվերտցին ալ, երբոր սիրտին խորէն կը հառաչէ, Վաճառողն յոյժ ապառում եւ տմարդի, զի այսքան չարեաց զանձն պարտական կացոյց (ԼԱՍ. 50): Բայց այս կէտը փակելով աւելցնենք, թէ Միքայէլ Դ. Պափղագոն կայսրէն նոյն նամակը անցաւ անոր քեռորդւոյն Միքայէլ Ե. Կալափատի, որ 1041-ին իր մօրեղբօրը յաջորդեց, իբրեւ Զոյի կայսրուհոյն որդեգիրը (ԼԱՍ. 39): Կալափատ Զոյին իբրեւ պոռնիկ խուզել եւ աքսորել տուաւ, Ալեքսիոս պատրիարքն ալ բանտարկեց իբր գործակից, բայց Զոյիի քրոջ Թէոդորայի գրգռութեամբ ժողովուրդին զայրոյթին հանդիպեցաւ, եւ կուրացուելով բանտարկուեցաւ, եւ Կոստանդին Ժ. Մոնոմախոս, որ թարգմանի մենամարտիկ (ՍՄԲ. 61), Զոյիի հետ ամուսնանալով գահ բարձրացաւ 1042-ին, եւ տիրացաւ Կիրակոսէ վաճառած նամակին: Մոնոմախոս հազիւ թէ իմացաւ Հայոց թագաւորական գահուն դատարկանալը Յովհաննէս Սմբատի մահուամբը, մտադրեց պարագայէն օգտուիլ, եւ արդիւնաւորել ձեռք ձգուած նամակին նպատակը:

840. ԶԱՆԱԶԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ

Միայն Յոյները չէին որ Հայաստանը գրաւելու աչք ունէին: Պարսկաստանի տիրապետող Սելճուքեան Թուրքերը, որ երբեմն Պարսիկ եւ երբեմն Սարակինոս անունով ալ կը յիշուին, Ապպասեան ամիրապետութեան ենթարկուած ըլլալնուն համար, նորանոր ձգտումներ կը մշակէին, յորմեհետէ 1038-ին Միխայէլ պէկի մահուամբ Թողրուլ պէկ կամ Տուղրիլ բէկ, Սելճուքի թոռը, Սելճուքներու սուլթան հռչակուած էր: Հայ թագաւորութիւններ բոլորովին վերջացած չէին Յովհաննէսի եւ Աշոտի մեռնելովը, որոնց բաժինները միահամուռ Արարատի Բագրատունի թագաւորութիւն կը կազմէին: Գագիկ Աբասեան կը թագաւորէր Կարսի կամ Վանանդի մէջ, եւ Դաւիթ Գուրգէնեան Անհողին մականուանեալ, դեռ կենդանի էր Տաշիրքի կամ Լոռիի թագաւորութեան գլուխը (ԿԻՐ. 53), որուն քիչ ետքը յաջորդեց Կորիկէ (ՎԱՐ. 101): Չմոռնանք Ափխազաց ու Վրաց ու Աղուանից միացեալ թագաւորութիւնն ալ, որուն կ՚իշխէր Բագարատ Գէորգեան, բայց իրեն դէմ ելած էր Լիպարիտ իշխան, Օրբելեանց նախահայրը, եւ զայն մինչեւ խորին Ափխազք փախցնելով, ինքն կը կառավարէր երկիրը, Յունաց կայսրներու հովանաւորութեամբ (ՎԱՐ. 98): Սեբաստիոյ մէջ ալ Սենեքերիմի յաջորդող Դաւիթ որդին վախճանած էր 1035-ին, եւ իրեն տեղ անցած էր Սենեքերիմի երկրորդ որդին Ատոմ, որ իշխանութիւնը կը վարէր եղբօրը Աբուսահլին հետ գործակցութեամբ: Իսկ Անիի մէջ առժամեայ եռապետութիւն մը կազմած էին, Պետրոս եւ Սարգիս եւ Գրիգոր, համամիտ չըլլալով ալ թէ ինչ ձեւ պիտի կարենան տալ անգլուխ թագաւորութեան, եւ ոչ ալ իրարու հետ բոլորովին համերաշխ ըլլալով: Վասն զի երբ մէկ կողմէն հանրային կացութեան ձեւ մը տալու կը խորհրդակցէին, միւս կողմէն հանրային պատրուակին ներքեւ անձնական օգուտ մը քաղելու մտածումներով կ՚օրօրուէին: Պետրոս միշտ իր սկսած գործին աւարտման մտադիր, կ՚աշխարտէր Վասիլի հետ կնքուած դաշնադրութեան եւ Միքայէլի հետ կնքուած վաճառման համեմատ, Անին իր սահմաններով յանձնել յունական կայսրութեան, եւ անոր հովանաւորութեան ներքեւ իրեն հանգիստ ու երջանիկ դիրք մը կազմել: Սարգիս ընդհակառակն միտքէն կ՚անցընէր թագաւորել ի վերայ տանն Շիրակայ եւ որք շուրջ զնովաւ գաւառք (ԼԱՍ. 47), հարկաւ ոչ իբր անկախ թագաւոր, այլ Յունաց պաշտպանութեան ներքեւ թագաւորակերպ ճոխացող կուսակալ մը: Իսկ Գրիգորին Պահլաւունի արիւնը չէր ներեր այդպիսի վատ խորհուրդներու գործակից լինել, մանաւանդ որ դժուարին կացութեան մէջ, նորէն հրապարակի վրայ երեւցած էր իր ծերունի հօրեղբայրը Վահրամ, որ շուրջը բոլորած իր ազգատոհմէն երեսունի չափ ազատ իշխաններ (ԼԱՍ. 47), գլուխ կանգնած էր ժողովրդական շարժման, որ ամենայն ուժգնութեամբ կը պնդէր, թէ յանձն չ՚առնուր իր քաղաքն ու թագաւորութիւնը օտարին յանձնել, եւ այդ նպատակով կը զինուէր, եւ երեսուն հազարի բանակ մը կազմած էր (ՈՒՌ. 99): Վահրամ այր հզօր եւ անուանի, եւ բարեպաշտութեամբ յոյժ վեհ, որպէս թէ ոչ ոք հաւասար նմին Պահլաւ (ԼԱՍ. 47), այդ շարժումին հոգին էր, Գրիգոր ալ անկէ չէր կրնար զատուիլ: Իսկ Սարգիս, վասնզի ի մահուան Յովհաննէսի, նա էր հոգաբարձու նմա (ԼԱՍ. 47), այսինքն արքունեաց հազարապետն էր, առիթ գտաւ թագաւորական գանձերը յափշտակելով, տանիլ ապահովել իր հայրենական ժառանգութեան բերդերուն մէջ` Ափխազքի կողմերը (ՈՒՌ. 98), եւ Անի դառնալ թագաւորելու եւ իշխելու ակնկալութեամբ: Պետրոս հարկաւ չէր կրնար իրեն համար իշխելու մտածումներ ունենալ, բայց իր մեծ ձեռնարկին հետեւելով մէկտեղ, չէր յանդգներ բացարձակ կերպով դէմ երթալ ժողովրդական հոսանքին եւ Վահրամի ուղղութեան:

841. ԳԱԳԻԿԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Յովհաննէսի մահուընէ ետքը կազմուած եռապետական իշխանութիւնը շուտով քայքայուեցաւ, Սարգիսի բուռն ձգտումերուն եւ Գրիգորի ազգասէր զգացումներուն արթննալովը: Սարգիս ստիպողական հրաւէր կը ղրկէր Մոնոմախոս կայսեր, որպէսզի շուտով հասնի Անին գրաւել, որուն դուռները կը խոստանար բանալ Յունաց բանակին առջեւ (ՍՄԲ. 56), Պետրոսի գործակցութեան ալ վստահելով այդ մասին, մինչ Վահրամի պատրաստած ընդդիմութիւնը օրքանզօր կը զօրանար, եւ Պետրոս չէր կրնար ինքզինքը անոր հակառակ ցուցնել: Յոյներ եկան, որ ըստ ոմանց քսան հազարի (ՈՒՌ. 100), իսկ ըստ այլոց հարիւր հազարի կը հասնէին, կամ այնչափ կը կարծուէին, Հայոց դէմ հայհոյութեան եւ նախատանաց խօսքեր ալ ընելով (ՍՄԲ. 57): Իսկ Անին պաշտպանողներ սաստիկ կատղած, քաղաքէն դուրս ելան, եւ բուռն զօրութեամբ յարձակողները վանեցին, եւ ետեւնէն իյնալով չարարչար ջարդեցին, այնչափ որ ինքն Վահրամ հարկ զգաց կոտորածը արգելուլ, եւ հազիւ կարաց հաւանեցուցանել իրենները, որով միայն հարիւր հոգի կրցան ազատիլ` կ՚ըսեն պատմիչները (ՈՒՌ. 100, ՍՄԲ. 57): Անոր վրայ Յոյներ պահ մը իրենց դիտումէն ետ կեցան, եւ այլ ոչ եւս յիշեցին զԱնի (ՍՄԲ. 57): Բայց միւս կողմէն Տաշիրքի թագաւորը Դաւիթ Անհողին, ոտք ելաւ անտէրունջ թագաւորութեան տիրանալ, օգտուելով Գագիկ Աշոտեանի անչափահասութենէն, եւ իրեն ալ մեծ Գագիկին եղբօրորդին ըլլալէն, բայց Վահրամի հրամանին ներքեւ կազմուած նոր բանակը անոր ալ դէմ ելաւ եւ մերժեց, թէպէտեւ առաջուց Տաշիրքի սահմանակից գաւառներէն շատեր յանձն առած էին Անհողինին հնազանդիլ(ՍՄԲ. 57): Այս շփոթութեանց մէջ անցաւ Յովհաննէսի մահուան տարին: Թէպէտեւ յայտնի կերպով թագաւորութիւն հաստատուած չէր, բայց արքունական գահին օրինաւոր ժառանգ Գագիկի իրաւունքն էր որ կը պաշտպանուէր, եւ երբ Սարգիսի դարձուածները խայտառակուեցան, Յունաց ոտնձգութիւնները վերջացան, Անհողինին ձգտումներն ալ ետ մղուեցան, եւ կացութիւնը բաւական ապահով կերպարան մը ստացաւ, յաղթական Անեցիներուն նպատակը եղաւ օրէնքին եւ սովորութեան պահանջած ձեւով Հայոց թագաւորութիւնը հռչակել, եւ Աշոտի որդին Գագիկը հանդիսաւոր կերպով օծել: Այս նպատակով իմաստութեամբ եւ հնարիւք մուծին զայն ի քաղաքն Անի, եւ թագաւորեցուցին ի վերայ իւրեանց (ԼԱՍ. 47), բոլոր նախարարներ հաւաքուեցան, Պետրոս կաթողիկոս ալ ստիպուեցաւ համակերպիլ, եւ այսպէս կատարուեցաւ Գագիկի օծումը 1043-ին (ՍՄԲ. 107): Իբր օծման թուական` Սմբատ Հայոց 491 տարին կը յիշէ (ՍՄԲ. 59), ուստի յարմար կու գայ ըսել թէ 1043-ի առաջին ամիսներուն տեղի ունեցաւ օծումը, հաւանաբար Աստուածայայտնութեան տօնին մօտերը, մարգաց ամսոյն մէջ: Օծումին կատարումը եղած կ՚ըսուի հրամանաւ մեծին Գրիգորի, որդւոյ Վասակայ (ՍՄԲ. 67), զոր ուրիշ մը սրբակեացն մեծն Մարցէն կը կոչէ (ՈՒՌ. 101), որ եթէ պարզապէս գրչագրական սխալանք մը չէ, Մագիստէր կամ Մաստեր կոչման տարադէպ աղաւաղութիւն մըն է: Այդ պարագան կը ցուցնէ որ երբ Վահրամ Պահլաւունին զինուորական հրամանատարութիւնը կը վարէր, Գրիգոր Պահլաւունին ալ քաղաքական կառավարութեան գլուխը կը գտնուէր, եւ Պահլաւունիներն էին որ վտանգեալ թագաւորութեան վերջին նեցուկները կը հանդիսանային:

842. ՄՈՆՈՄԱԽԻ ՃԻԳԵՐԸ

Գագիկ Բ. օծուած ատեն արդէն ութեւտասն ամաց, կամ լաւ եւս եօթեւտասնամեայ եղած էր, յոյժ իմաստուն եւ երկիւղած եւ աստուածասէր երիտասարդ մը (ՈՒՌ. 100), զարգացեալ եւ վայելուչ եւ իմաստուն եւ հմուտ աստուածային ուսմանց (ՍՄԲ. 57), որ ամենուն վստահութիւն կը ներշնչէր, թէ կարող թագաւոր մը պիտի ըլլայ: Վեստ Սարգիս, վախէն Անիի միջնաբերդին մէջ ամրացած էր, Գագիկ իր զինուորներով ձերբակալ ըրաւ զայն (ԼԱՍ. 47), եւ խոշտանգանօք առնոյր ի նմանէ ոչ միայն բերդը, այլ եւ զգանձն արքունի զոր յափշտակեալն էր (ՍՄԲ. 58), բայց ներողամտութիւնը մինչեւ ծայրը հասցնելով, ոչ միայն չէր պատժեր, այլ եւ իր պաշտօնին կը դարձնէր, եւ ընդ իւր ի կառսն նստուցանէր(ԼԱՍ. 47): Յոյներ չորս անգամ զկնի միմեանց Հայոց սահմանները մտնելով հրով եւ գերութեամբ երկիրը մարդաթափ կ՚ընէին (ԼԱՍ. 48), բայց աւելի բան մը չէին յաջողիր ընել` Վահրամ Պահլաւունիի գունդերու դիմաց: Գրիգոր Պահլաւունին ալ Այլազգիներուն վրայ կ՚երթար, եւ թէպէտ առաջին անգամ չէր յաջողեր, բայց յետոյ անոնց գունդերը կը հալածէր եւ մինչեւ իրենց սահմանը կը փախցնէր (ՍՄԲ. 58): Գագիկ ինքն ալ թագաւորութեան մէջը շրջելով հակառակորդները կը հալածէր, եւ ապստամբները կը հնազանդեցնէր, այնպէս որ պատմիչը կը համարձակի ըսել, թէ իմաստութեամբ հաստատեաց զաթոռ թագաւորութեանն Հայոց, եւ թէ խաղաղացաւ աշխարհն Հայոց (ՍՄԲ. 58): Միայն թէ շատ համառօտ կ՚ըլլային այդ վերանորոգեալ յաջողութեան օրերը, երկու ամ միայն (ՍԱՄ. 107, ՈՒՌ. 102): Վեստ Սարգիս իր հին չարութեան մէջ հաստատուն, եւ Գագիկի իրեն նկատմամբ ցուցուցած ներողամտութեան հանդէպ ապաշնորհ, տակաւին հին խորհուրդները կը փայփայէր, Անին յանձնելով իրեն բարձր դիրք մը ստեղծել: Թերեւս Պետրոսն ալ իրեն համախոհ էր, բայց յայտնի չէ յիշուած, միայն թէ յաջորդող եղելութեանց մէջ իրարու համախոհ կը գտնուին: Տեսնելով որ բռնութիւնը դիւրաւ պիտի չյաջողի, եւ թէ թագաւորութեան Հայերը հաստատամիտ են դիմադրելու գործին վրայ, գաղտնի լուր կը հասցնէ Մոնոմախ կայսեր, կոչեա զԳագիկ պատճառանօք սիրոյ ի Կոստանդնուպոլիս, եւ մի թողուր ելանել ի քաղաքէն մինչեւ զքաղաքն Անի առցես ի նմանէ (ՍՄԲ. 61): Կայսրը շատ լաւ գտաւ խորհուրդը, մանաւանդ երբ առաջարկը Գագիկի մտերիմներէն կու գար: Իսկոյն գրեց անոր մեծամեծ երդմամբ, տուեալ միջնորդ զսուրբ խաչն եւ զաւետարանն Քրիստոսի (ՍՄԲ. 61), թէ միայն ի տեսանելն զքեզ, դարձուցից ի քեզ զթագաւորութիւնդ քո, եւ գրեցից զքեզ ժառանգ յաւիտենից աշխարհիդ եւ քաղաքիդ (ԼԱՍ. 51), իբր թէ ուզէր Յովհաննէսի գիրն ալ ետ տալ, եւ իր ստացած իրաւունքէն հրաժարիլ:

843. ՄՈՆՈՄԱԽ ԵՒ ԳԱԳԻԿ

Գագիկ ոչ կամեցաւ գնալ: Հազիւ քսանամեայ արթուն երիտասարդը կռահեց թաքուն խորհուրդը, իսկ Սարգիս, հանդերձ համախոհօքն իւրովք (ՍՄԲ. 62), ամէն կերպ համոզումներ առջեւ կը դնէր, երթալուն օգուտները կը ցուցնէր, հարկաւ Յովհաննէսի նամակին վտանգաւոր պարագան ջնջելու արդիւնքն ալ կը յիշեցնէր: Գագիկի անվստահութեան ոյժ տուողներ էին Վահրամ Պահլաւունին եւ ուրիշ Պահլաւունի ազատներ որ թագաւորեցուցին զնա (ԼԱՍ. 51), սակայն Սարգիս եւ այլք յազատացն կը քաջալերէին երթալ, վստահեցնելով եւս թէ յաղագս մեր մի երկնչիր, զի ահա անձինք մեր մեռանին ի վերայ քո: Իրենց այս յայտարարութեան երաշխաւոր կը ներկայացնեն Պետրոս կաթողիկոսը, եւ գործին աւելի հաստատութիւն տալու համար, կաթողիկոսին առջեւ արարին երդմունս սաստիկս, բերին զսուրբ խորհուրդն Մարմնոյ եւ Արեան Որդւոյն Աստուծոյ, թանային զգրիչն յարիւնն Կենարարին, եւ արարին երդման գիր հայրապետն եւ ամենայն իշխանքն Հայոց (ՈՒՌ. 110): Սուրբ խորհուրդին նուիրականութիւնը, երդման սրբութիւնը, ու կաթողիկոսին ներկայութիւնը ազդեցին երիտասարդ Գագիկի վրայ, եւ որոշեց համաձայնիլ Մոնոմախի հրաւէրին, կարծելով օգտակար գործ մը ընել, սակայն իմաստունն երդնու, եւ անմիտն հաւատայ, որպէս իմաստնոցն բերեն բանք (ԼԱՍ. 51), եւ նոյն ելքը ունեցաւ այդ իրողութիւնն ալ: Սարգիսի դերը շատ յայտնի է այդ գործին մէջ, Պետրոսի մեղսակցութիւնն ալ երկբայութիւն չի վերցներ, միայն Գրիգորի մասին չենք կրնար վճռական կերպով խօսիլ, թէպէտ Անեցին երեքը մէկտեղ կը դատապարտէ ըսելով, թէ տէր Պետրոս եւ ազատ Սարգիս եւ Գրիգոր Բջնեցին նենգեցին զԳագիկ (ՍԱՄ. 107): Վերջապէս Գագիկ ոչ գիտեմ, եթէ վասն խաղաղութեան մտացն, եթէ վասն երկիւղածութեան վարուցն, ոչ եկաց ի պատուէր Վահրամայ, եւ տուեալ զբանալի քաղաքին ի Պետրոս, յանձնեաց ի նա զամենայն հոգս աշխարհին մեծաւ դաշամբ եւ ուխտիւ, եւ նենգաւորին Սարգսի սադրելոյն լուեալ, ել ի քաղաքէն, եւ չոքաւ ի Յոյնս զանդարձ ուղեւորութիւն, իբրեւ զձուկն ի կարթէ ըմբռնեալ կամ իբրեւ զհաւ ի ծուղակաց (ԼԱՍ. 51): Այսպէս թախծեալ սրտով կը պատմէ Լաստիվերտցին այդ աղետալի վայրկեանը, որ կնիքն եղաւ Հայաստանի ազգային իշխանութեան: Տարին 1044-ին պիտի դնենք, լաւ պիտի ըլլար որոշ օրն ալ նշանակուած գտնել:

844. ԳԱԳԻԿԻ ԶԻՋԱՆԻԼԸ

Գագիկ Կոստանդնուպոլիս հասնելով մեծ փառաւորութեամբ կ՚ընդունուի, որպէս վայել է թագաւորի, եւ միջոց մը տարբեր վարմունք չի տեսներ, զի աւուրս ինչ մեծարեաց զնա Մոնոմախն (ՈՒՌ. 111): Իսկ միւս կողմէ Պետրոս կաթողիկոս ձեռքի տակէն լուր կը ղրկէ Սամուսատ նստող յոյն կուսակալին, որ ունէր զիշխանութիւն Արեւելից կողմանն, թէ ծանս թագաւորին, այսինքն Մոնոմախոս կայսեր, թէ մեզ զինչ հատուցանէ փոխարէնս, եւ ես տաց զքաղաքս եւ զայլ ամուրս որ յաշխարհիս են (ԼԱՍ. 52): Վասիլի 826) եւ Միքայէլի 839) հետ կնքուած վաճառումներէն ետքը, այդ երրորդն է զոր Պետրոս կը կնքէ Մոնոմախոսի հետ, եւ միեւնոյն Անին կրկին եւ կրկին նորանոր շահերու առարկայ կը կազմէ: Անդին կայսրը, առժամեայ պատուասիրութիւններէն ետքը լեզուն փոխած էր: Ոչ յիշեաց զերդմունսն եւ ոչ զխաչի զմիջնորդութիւնն, այլ Գագիկը իբր արգելական պահպանութեան ներքեւ դնելով կ՚առաջարկէր. Տուր ինձ զԱնի: Սենեքերիմի հետ կատարուած փոխանակութիւնն ալ յիշեցնելով կը խոստանար. Եւ տաց քեզ զՄելիտինէ եւ զգաւառսն որ շուրջ զնովաւ: Առաջին-Հայոց Արծրունի թագաւորութեան քով, Երկրորդ-Հայոց Բագրատունի թագաւորութիւն մըն ալ կանգնել կը խոստանար, այլ ինչ որ ծերունի Սենեքերիմի կողմէն բախտ մը կարծուած էր, երիտասարդ Գագիկի անպատուութիւն կ՚երեւէր, եւ նա ոչ առնուր յանձն (ԼԱՍ. 51): Կայսրը իբր իր պահանջքին փաստ առջեւ կը դնէր զթուղթն, Յովհաննէսի նամակը (ՈՒՌ. 111), որով Անիի տիրանալու իրաւունքը կը հաստատուէր եւ միւս կողմէն գանձիւք եւ իշխանութեամբ հաճեալ զկամս Պետրոսի եւ Սարգսի (ԼԱՍ. 52), առաջինին գանձեր եւ երկրորդին իշխանութիւններ խոստանալով, Սամուսատի իշխանին միջնորդութեամբ Անիի բանալիներն ալ ձեռք ձգելու կ՚աշխատէր: Երբոր առաքեցին առ Մոնոմախն զքաղաքին Անւոյ զքառասուն բանալիք, եւ գիր զկնի թէ ամենայն Արեւելք քո եղեւ (ՍՄԲ. 62), նորէն սկսաւ կայսրը Գագիկը հրաժարելու ստիպել, թուղթն ու բանալիները իբրեւ փաստ մէջտեղ դնելով: Գագիկ կը պնդէ, թէ Թագաւոր Հայոց ես եմ, եւ ես ոչ տամ զԱնի ի քեզ (ՍՄԲ. 62), եւ բանալիները ղրկողներուն դէմ կը բողոքէ, թէ դատ արասցէ Քրիստոս ընդ իս եւ ընդ նենգաւորս իմ (ՈՒՌ. 111): Այդ վերջին դիմադրութիւնն ալ բաւական տեւեց, եւ երեսուն օր պնդեալ Գագիկ ոչ հաւանէր (ՍՄԲ. 62): Բայց վերջապէս զինքն բանտարկութեան ներքեւ եւ արգելական վիճակի մէջ տեսնելով, իրեներուն ալ ուխտադրուժ նենգութենէն զզուելով, եւ ընդդիմութեան ապարդիւն ըլլալուն համոզուելով, յոչ կամաց զիջողութիւն կը յայտնէր, եւ կայսրն ոչ եւս խոստացուած Մելիտինէն կու տար անոր, այլ կը ներէր միայն որ Սեբաստիոյ վախճանեալ թագաւորին` Դաւիթ Արծրունիի այրիին հետ ամուսնանալով, տիրէ նորին բաժնին (ԼԱՍ. 52), այսինքն այն բաժինին որ Դաւիթի իբրեւ վարձք տրուեցաւ Նիկեփորոս Ծռվիզը սպաննելուն համար 829): Միայն թէ այնտեղ Կեսարիա եւ Ծամնդաւ եւ Խաւարտանէք յիշուած էին (ՍՄԲ. 48) իսկ այստեղ կը յիշուին Կալոնպաղատ եւ Պիզու (ՍՄԲ. 62), որք անուններու տարբերութեամբ, Կապադովկիոյ միեւնոյն կողմը կը ցուցնեն, թէպէտ դժուար է տրուած անունները յունարէն աշխարհագրական անուններով ճշդել: Գագիկի համար ոմանց ի կղզւոջ արգելին ըսածը (ՍՄԲ. 108, ԿԻՐ. 52) թիւրիմացութեան պէտք է վերագրել, եթէ չուզենք Գագիկի հետեւորդներուն վրայ իմանալ, վասն զի ուրիշ տեղ` զգնացեալսն յիշուած կը գտնենք (ՍԱՄ. 108): Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 1044-ի վերջերը` դէպի ձմեռը:

845. ԱՆԻԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻԼԸ

Անիի մէջ, թագաւորութեան իբրեւ խնամակալ կը մնային Պետրոս եւ Սարգիս, Վահրամ զինուորական հրամանատարութիւնը կը պահէր: Իսկ Գրիգոր թերեւս միամտօրէն Գագիկի երթալուն յաջող ելքին կը սպասէր, եւ յերկարիլ խնդրոյս անձամբ Կոստանդնուպոլիս կու գար անցած դարձածը իմանալու կամ թէ պատշաճը գործելու, որով բանալիներուն յանձնուելուն մասնակից չէր եղած: Միայն թէ կացութիւնը զննելով եւ համոզուելով, թէ ոչ են թողլոց զԳագիկ ի տեղի իւր (ԼԱՍ. 521), ինքն ալ փոխանակութեան ձեւը կը գործադրէր իրեն հաշւոյն, կը թողուր իր հայրենական Բջնին, Կայեան եւ Կայծօն բերդերով մէկտեղ (ՎԱՐ. 99), զոր այլեւս դժուարաւ պիտի կարենար պաշտպանել, եւ յունական ծառայութեան կը մտնէր մագիստրոսութեան աստիճանով, Միջագետքի կուսակալ կ՚անուանուէր, եւ Տարոնի կողմերը բնիկ սեփականութեան գաւառ մըն ալ կ՚առնէր, գեօղս եւ քաղաքս գրով եւ մատանեաւ յազգէ յազգ (ԼԱՍ. 52): Գրիգորի Կոստանդնուպոլիս գտնուած միջոցին կը հանդիպի մահմետական գիտուն Մանուչէի հանդիպիլը, եւ Ղուրանի ու Աւետարանի բաղդատութեան վէճը, որուն վրայ Ղուրանի տաղաչափեալ լինելուն նշանակութիւն չունենալը հաստատելու համար, Գրիգոր կը յայտարարէ անոր` թէ քառօրեայ գծագրեցից յԱդամայ սկսեալ մինչեւ ցգալուստն կրկին, եւ իրօք ալ չորս օրուան մէջ կ՚աւարտէ հազարտողեան կոչուած տաղասացութիւնը (ՏԱՂ. Է. ), զարմացման մէջ թողլով արաբացի քերթողը: Իսկ Մոնոմախ կայսրը 493 Հայոց թուականին յառաջելէն ետքը (ՍՄԲ. 63), որուն ամանորը կ՚իյնար 1044 Մարտ 10-ին, որ է ըսել ձմերուան մօտենալուն, Ասիտ անուն իշխան մը լիազօր իշխանութեամբ Հայաստան կը ղրկէ Անին գրաւելու եւ կառավարելու (ԼԱՍ. 52), որուն ոմանք Կատապան (ՎԱՐ. 99) եւ ուրիշներ Պարակոմանոս պաշտօնական անունը կու տան, եւ ներքինի ըլլալուն կուրտ կամ այրկին կը կոչեն (ՈՒՌ. 112): Անեցիներուն ծանր կու գայ քաղաքնին յանձնել, եւ ինչպէս առաջին անգամ 841), նորէն զինուորական ընդդիմութիւն կը կազմակերպեն Վահրամի եւ Պահլաւունիներուն գլխաւորութեամբ, եւ վրանին եկող Յունական գունդերուն վրայ ալ կը զօրանան, որք կը պարտաւորուին տեղի տալ, եւ ձմեռը վրայ հասնելուն Ուխթիքի եւ Թէոդուպոլիսի, այսինքն է Օլթիի եւ Կարինի կողմերը կը քաշուին ձմերելու: Անեցիներ, թէպէտ յաջողութիւն մը ունեցած էին, բայց յուսահատեցան երբոր լսեցին թէ Գագիկ տեղի տուած է, Գրիգոր ալ ձեռք քաշած է, իրենք տկարացած են, ամէն կողմերէն թշնամիներով պաշարուած են, եւ ոչ մէկ կողմէ օգնութեան յոյս մնացած չէ: Պահ մը կը մտածեն կամ Անհողին Դաւիթը, կամ Ափխազաց Բագարատը Անի բերել եւ թագաւորեցնել (ԼԱՍ. 52), բայց ուր ուրեմն կը համոզուին, որ Յոյներու առջեւ տեղի տալէ զատ եղանակ չունին: Հին թագաւորներուն գերեզմաններուն վրայ սուգի եւ ողբի արարողութիւն մը կը կատարեն, լացին երեք օր զանտիրանալն իւրեանց (ՍՄԲ. 63), եւ անէծս ցաւագինս կարդացին նենգաւորացն Գագկայ, եւ անճարակեալ (ՈՒՌ. 112), լուր ղրկեցին պարակոմանոս Ասիտի, եւ ետուն զԱնի ի ձեռս նորա: Վահրամ ալ հաւանեցաւ տեղի տալ, երբ համոզուեցաւ թէ յաջողութեան յոյս մնացած չէ, եւ բոլոր ժողովուրդը կոտորածի մատնել պիտի ըլլայ դիմադրութեան հետեւանքը: Աստանօր բարձաւ թագաւորութիւն Հայոց, եւ անկաւ տէրութիւն ազգին Բագրատունեաց (ՍՄԲ. 63): Պետրոս եւ Սարգիս կրնային ուրախ ըլլալ թէ վերջապէս հասան իրենց նպատակին, որովհետեւ այս ամենայն ի վաճառէն յայնմ հանդիպեցաւ (ԼԱՍ. 50), զոր պատմութեան կարգին մէջ յիշեցինք մի անգամ եւ երկիցս եւ երիցս, եւ այն էր որ իր լրումը կը ստանար: Մենք ալ գոչենք ուրեմն ողբերգակ Լաստիվերտցիին հետ. Ո~վ դառն վաճառոյն այնորիկ. քանի~ արեանց զանձն պարտական կացոյց (ԼԱՍ. 46): Այդ եղելութեան իբր ճշդուած թուական պիտի ընդունինք Հայոց 493 տարւոյ վերջին ամիսները, կամ որ նոյն է, 1045 տարւոյ առաջին ամիսները, գարունին բացուելուն ատենները:

846. ԱՍԻՏ ԵՒ ՎԱՀՐԱՄ

Ասիտ կուսակալ Անիի տիրացած ատեն, անչափ պատուով մեծարէ զհայրապետն Պետրոս (ԼԱՍ. 53): Յոյներուն համար խորին երախտագիտութեան պարտք մըն էր, ամէն տեսակ պատուասիրութիւն եւ ընծայաբերութիւն մատուցանել Պետրոսի, որ առաջին օրէն Հայոց թագաւորութիւնը Յոյներուն անցընելու գաղափարը հովանաւորեր էր, եւ այդ նպատակով մինչեւ վերջ աշխատեր, եւ մինչեւ իսկ այդ պատճառով հակառակութիւն եւ հալածանք ալ կրեր էր: Թերեւս ոմանք ուզեն ներողամտութեամբ նայիլ Պետրոսի այդ ընթացքին վրայ ըսելով, թէ Հայոց թագաւորութեան տեւողութենէն յոյսը կտրած, եւ Սելճուքեանց զօրանալէն վախցած, Յունական տիրապետութեան մէջ կը կարծէր գտնել ապագային ապահովութիւնը: Սակայն ցորչափ կազմակերպեալ իշխանութիւն մը կար, եւ զանազան Հայ իշխանութեանց միութիւնը նշանակելի զօրութիւն մը կը կազմէր, կրնար կայսրութեան հովանաւորութիւնը պատրաստել, այլ ոչ թէ հայրենի իշխանութեան դաւաճան լինել, եւ անոր վախճանը փութացնել, եւ իր ազգը օտարին վաճառել, միանգամ եւ երկիցս եւ երիցս փոխարէն վարձքեր եւ գանձեր ստանալով: Պատմութիւնը ի սպառ կը լռէ Վեստ Սարգիսի մասին, որ կը յուսար ինքն լինել Հայաստանի թագաւորակերպ իշխողը Յունաց կողմանէ, եւ կ՚երեւի թէ Յոյներն ալ հասկցան նենգաւորին ընթացքը, եւ չվստահեցան անոր բան մը յանձնել: Առաջին կուսակալ Ասիտի շուտով յաջորդեց Կամենաս (ԼԱՍ. 53), եւ այլեւս Սարգիսի խօսք չեղաւ: Գրիգոր Պահլաւունին, արդէն իր ընթացքը փոխեր եւ կատարելապէս Յոյներուն կողմը անցնելով` նոր եւ յաջող կացութիւն մը կազմեր էր: Նա կ՚աշխատի իր ընթացքը արդարացնել` Գագիկը մեղադրելով, թէ պէտք չէր որ Կոստանդնուպոլիս երթար, եւ եթէ գնաց, պէտք չէր որ փոխանակութեան յանձնառու ըլլար, որով ես ալ, կ՚ըսէ, ոչ այլ ուրեք գտեալ իմ հնար կամ ապաստան, զկնի ամենեցուն ընթացայ (ՄԱԳ. 140): Ասով Պահլաւունիներու սկիզբէն բռնած ընթացքն ալ կը բացատրէ: Իսկ ծերունին Վահրամ, Անիի գրաւուելէն ետքն ալ` Սպարապետ Հայոց մնաց, կայսրութեան ներքեւ հայագունդին հրամանատար, եւ քիչ ետքը յայսմ 1045 ամի, եւ յաւուրսն աշնանային (ՈՒՌ. 115), Դուինի Ապուսուար ամիրային դէմ գացող բանակին ընկերացաւ, եւ պատերազմին մէջ սպաննուեցան ինքը եւ իր որդին` միւս Գրիգոր Պահլաւունին (ԼԱՍ. 53): Ծերունի զօրավարին պատերազմին խռան մտնելը եւ այնտեղ մահ գտնելը, կամաւոր գործողութեան կերպարան ունի: Կարծես թէ արիասիրտ ծերունին չէ կրցած իր հայրենիքին կորուստը եւ իր ջանքերուն պարապի երթալը հաշտ աչքով նկատել, եւ կամաւոր անձնազոհութեամբ ուզած է, իբր քաջ զինուոր, պատերազմի դաշտին վրայ վերջացնել անտանելի դարձած կեանքը: Մագիստրոս իր հօրեղբօր վրայ գրած ողբերգական նամակին մէջ, խօսքը Վահրամի ուղղելով կ՚ըսէ. Արեամբ վկայեալ հայրենական հասեր շնորհի, եւ հարազատին քո Վասակայ տենչացեալ միութեան, եւ պէտք է կ՚ըսէ, ճանչնալ զքոյդ աւարտումն, իբր մարտիրոսական արժանանալ պսակի (ՄԱԳ. 40):

847. ՊԵՏՐՈՍ ԱՐԾՆԻ ՄԷՋ

Կամենասի կուսակալ անուանուելէն ետքը Պետրոսի հանդէպ Յոյներուն ընթացքը կը փոխուի, եւ նոր կուսակալը ոչ ըստ առաջին պատուոյն մեծարէ զհայրապետն (ԼԱՍ. 53): Շատ հասկնալի էր որ նենգաւոր ձեւ մըն էր Պետրոսի նկատմամբ բռնուած ընթացքը, անոր ձեռքով յունական տիրապետութիւնը ամրացնելու, եւ ժողովուրդը հանդարտեցնելու համար, քանի որ Պետրոսի շահասէր բնոյթը եւ պարագայից համեմատ փոփոխուիլը` յունական քաղաքականութեան աչքէն խուսափած չէր կրնար ըլլալ: Ո՞չ ապաքէն նոյն Պետրոսն էր, որ Գագիկը թագաւոր օծած էր, երբ միւս կողմէն Յունաց տիրապետելուն կ՚օգնէր: Կամենասի այդ ընթացքին Հայեր ալ իրենց կողմէն առիթ կ՚ընծայէին փոխադարձ քսութեամբ, եւ ի միմեանս արձակեալ խորամանկութեամբ եւ ստաբանութեամբ, խորհէին զխորհուրդս նենգութեամբ, մատնելով զմիմեանս կայսեր, բաղբաղեալ զձեռն տալն առ Հագարացիսն: Այդ աղետալի գործերը, կ՚ըսէ պատմիչը, իշխանաց զհայրապետն, եւ նորա զնոսա ամբաստանելը, երթալով կ՚աճէր (ԿԻՐ. 52), եւ ցաւալի է մանաւանդ, որ կաթողիկոսն ալ այդ ստորին միջոցներու կը դիմէր: Որչափ ալ գործը ընդհանուր ըլլար, սակայն Պետրոսի դերը աւելի աչքի կը զարնէր, ուստի Կամենաս սկսանի գրով ամբաստան լինել զնմանէ առ թագաւորն, թէ նա է քաղաքին մէջ տիրող շփոթութեանց սկզբնապատճառը, եւ ստացած հրահանգին համաձայն Պետրոսը կը պարտաւորէ Անիէ ելլել, յայտարարելով թէ հրամայեալ է քեզ թագաւորն Մոնոմախոս տեղի բնակութեան ի Կարին գաւառի յԱրծն աւանի, եւ այսպէս խաբանօք հանէ զնա ի քաղաքէն: Լաստիվերտցին մեծանիստ եւ շահաստան քաղաքս մեր կ՚անուանէ Արծնը, վասն զի ինքն ալ բնիկն էր նոյն կողմերուն, զի իր ծննդավայր Լաստիվերտը, հին Արծնի, իսկ այժմեան Քարարղի մօտ եղող Սալաձորն է: Պետրոսի Արծն գալը յիշելով կ՚ըսէ, թէ այդ պարագան մեծաւ ուրախութեամբ լցոյց զանձինս տեսողացն (ԼԱՍ. 53), որով իր ալ այդ տեսնողներուն մէկն եղած ըլլալը կը յայտնուի, երբ հին զգացումի մը վերյիշումը կ՚ունենայ, ապա թէ ոչ բնաւ համակիր չեն Լաստիվերտցիին զգացումները Պետրոսի հանդէպ: Կամենոսի պաշտօնի անցնիլը, գոնէ Ասիտէ տարի մը ետքը հաշուել պատշաճ ըլլալով, յարմարագոյն է 1046-ին դնել. որչափ ալ Լաստիվերտցիին մէջ 493 Հայոց թուականը կը գտնենք նշանակուած, սակայն ժամանակագրական պահանջին փաստը աւելի զօրաւոր կը գտնենք, քան մեր գրչագիրներուն թուատառերու մէջ սովորական դարձած սխալանքը: Միջոց մըն ալ պէտք է տալ Կամենասի կայսեր հետ բանակցութեանց, այնպէս որ Պետրոսի Արծն գալուն համար ցուցուած ժամանակը, մերձեալ ի տօն սրբոյ Աստուածայայտնութեան (ԼԱՍ. 53), 1046-ի Դեկտեմբերին պէտք կը լինի հաշուել:

848. ԽԱՂՏՈՅԱՌԻՋ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ

Բայց Արծնը հայրապետութեան աթոռանիստը պիտի չըլլար, այլ միայն ճարտար ձեւ մըն էր հայրապետը հեռացնել Անիէ, ուր դեռ թարմ էին Հայ կեանքի յիշատակները, եւ փոխադրել այնպիսի միջավայր մը, ուր երկար ժամանակէ ի վեր զօրաւոր դարձած էր յունական ազդեցութիւնը: Մերձաւոր տօնին օրը, Պետրոս նորէն ջրօրհնէքի արարողութեան հանդիսադիր կ՚ըլլայ ի յորդախաղաց ջուրն որ իջանէ ի լերանցն որ ի հիւսիսակողման դաշտին են, այն է Վերին Եփրատի սկզբնաւորութիւնը, որ Կարնոյ դաշտին մէջէն եւ Արծնի մօտէն կ՚անցնի, եւ որ այժմ Գարասու անունով կը կոչուի, պահ մըն ալ ընդարձակուելով Կարնոյ Շամբը կը կազմէ: Արարողութիւնը կը կատարուի փառաւորապէս, որպէս եւ վայել էր, եւ միւռոնթափի պահուն տաճիկ մը կը ներկայանայ քրիստոնեայ լինել եւ մկրտիլ խնդրելով: Պետրոս հրամայէ նմա իջանել ի ջուրն, միւռոնակիրէն միւռոնի շիշը առնելու ատեն, հապճեպ շփոթին պատճառով շիշը կը կոտրուի, միւռոնը առատապէս կը թափի ի վերայ նորակնքին եւ ջրոյն, բայց կոտրած շիշէն բեկոր ինչ Պետրոսի ձեռքը կարեվէր կը խոցէ, եւ յորդութիւն արեան կը խառնուի միւռոնթափին: Պատահարը վըտանգաւոր կողմ մը չունէր, եւ դարմանն ալ դիւրին էր, բայց ձախող տպաւորութիւն թողուց ժողովուրդին վրայ, եւ ամէնքը սկսան ըսել, թէ չէ բարւոյ ինչ նշան: Ասով մէկտեղ իրենց հանդէսը կը շարունակեն, եւ ճաշաժամուն կերակուրի կը նստին: Բայց երբ տակաւին ի սեղանն էին, ահա հասին կալանաւորք, Կամենասէ յղուած պաշտօնեաներ, որք հրաման ունէին Պետրոսը Արծնէ ալ հանել, եւ Խաղտոյառիջ, այժմ Քաղտառիչ կոչուած բերդը բանտարկել, որ Կարնոյ դաշտին վերջը, Եփրատի վրայ, ժայռոտ կիրճի մը մէջ ամուր դղեակ մըն էր: Միեւնոյն օրը հրամանը գործադրուեցաւ, եւ Պետրոս ճամբայ հանուեցաւ դէպի իր նոր բնակութեան տեղը: Այդ եղելութեան թուական պէտք է նշանակենք 1047 Յունուար 6, կամ 495 մարգաց 3 Երեքշաբթի օրը: Քսանը չորս տարի առաջ օրը օրին, Աստուածայայտնութեան տօնին, Պետրոսին փառքին գագաթնակէտն էր եղած Խաղտեաց գետին վրայ 827), եւ այն օրուան ապառում գործին վրէժը կը լուծուէր Հայոց գետին վրայ, եւ միեւնոյն Յոյները, այնտեղ Պետրոսը փառաւորող, այստեղ Պետրոսը դատապարտող կ՚ըլլային: Կաթողիկոսին երկու քեռորդիներէն Անանիա` որ կ՚երեւի մէկտեղ էր, անմիջապէս ներքինիի մը հետ Կոստանդնուպոլիս ղրկուեցաւ, իսկ Խաչիկ` որ Անի մնացած էր, ածեալ ի Հայոց` Սեաւքար բերդը բանտարկուեցաւ (ԼԱՍ. 54), որ հաւանաբար Խաղտոյառիջի բերդերէն մէկն էր:

849. ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ ՏԱՐՈՒԱԾ

Պետրոս այնտեղ մնաց մինչեւ մերձ ի զատիկն, որ կը հանդիպէր 1047 Ապրիլ 19-ին կամ 496 հոռի 11-ին, եւ ապա հանեալ զնոսա անտի տարան ի Կոստանդնուպոլիս առաջի թագաւորին (ԼԱՍ. 54): Այսպէս համառօտակի կը պատմէ ժամանակակից Լաստիվերտցին, մինչ Ուռհայեցին ընդարձակ պարագաներ կը յաւելու, եւ մինչ նա բանտարկեալի տեղափոխութեան ձեւը կու տայ եղելութեան, սա յատուկ փառաւորութեան ձեւեր կ՚աւելցնէ: Մոնոմախ գիր գրած կ՚ըլլայ զի եկեսցէ առ նա, եւ Պետրոս կամաւ իւրով յօժարեալ գացած կ՚ըսուի (ՈՒՌ. 122): Այդ տարբերութիւնը հաշտեցնելու համար, ոմանք ուզեցին ըսել, թէ տեղեկացեալ կայսեր անմեղութեան նորին, հրամայած ըլլայ առաքել առ ինքն զՊետրոս (ՉԱՄ. Բ. 944), այլ մենք կը կարծենք, թէ բոլոր եղելութիւններ` քաղաքական դարձուածներու արդիւնք են: Հարկաւ կաթողիկոսին բանտարկութիւնը գէշ տպաւորութիւն թողած էր Հայոց վրայ, եւ Յունաց հանդէպ զայրացում պատճառած: Կացութիւնը պէտք էր դարմանել, մինչ կայսրը կամք չունէր Պետրոսը ազատ թողուլ, ուստի յարմարագոյն սեպեց, արտաքին պատուադիր ձեւերու ներքեւ առաւելագոյն հեռացում եւ պատուաւոր արգելականութիւն մը կարգադրել: Պետրոս ինքն ալ տուաւ գործին իսկութիւնը հասկցած պիտի ըլլայ, որովհետեւ մտածեց թէ, գուցէ այլ ոչ թողուն զիս Հոռոմք ելանել յԱրեւելք (ՈՒՌ. 122), եւ կանխահոգ զգուշութեամբ իրեն փոխանորդ հաստատեց կրտսեր քեռորդին Խաչիկը, քանի որ երէցն Անանիա արդէն Կոստանդնուպոլիս տարուած էր, եւ զձեռնադրութիւն հայրապետութեան ալ տուաւ անոր (ԼԱՍ. 72), որ է կաթողիկոսական աստիճան եւ օծում: Պետրոսի այդ ըրածը հիմնովին կը տարբերէր Սարգիս կաթողիկոսի իրեն համար ըրածէն 812): Սարգիս պաշտօնապէս գործէ քաշուելով ամենայն ինչ Պետրոսի կը թողուր, մինչ Պետրոս աստիճանն ու գործը իրեն վրայ պահելով, իրեն լիազօր տեղակալ եւ փոխանորդ կամ աթոռակից մը կը հաստատէր, որ կարենայ ըստ ամենայնի եւ յամենայնի կաթողիկոսական պաշտօնը կատարել բուն կաթողիկոսին բացակայութեան ատեն: Նախահոգ զգուշութեամբ մտածեց որեւէ առթի մէջ եկեղեցին առանց միւռոնի չթողուլ, եւ 400 լիտր միւռոն երկաթի ամաններու մէջ լեցնելով թաղել տուաւ Ախուրեան գետին մէջ, կամ լաւ եւս Ախուրեանի ձորամէջը, մերձ ի դուռն քաղաքին, հարկաւ քիչերու գիտակցութեամբ եւ գաղտնապէս, զի մի' գուցէ անկանիցի ի ձեռս Հոռոմոց (ՈՒՌ. 122): Այս ալ նոր փաստ մըն է, թէ Պետրոսի յունասիրութիւնը քաղաքականէն անդին չէր անցներ, եւ կրօնական համակերպութեան չէր մտներ: Ախուրեանի մէջ թաղուած միւռոնը, այլեւս հանուած պիտի չըլլայ, վասն զի պատմիչը կը վկայէ իր ժամանակին համար, թէ կայ պահեալ մինչեւ ցայսօր ժամանակի (ՈՒՌ. 122): Անկէ ետքն ալ փնտռող եւ հանող եղած չէ, եւ կրնայ գրգռել Անիի մէջ պեղում կատարողներու հետաքրքրութիւնը: Պետրոս այդ առթիւ ալ չ՚ուզեր թողուլ իր սիրած ճոխ ձեւերը եւ հետեւորդներու բազմութիւնը, զոր ունէր իր թագաւորակերպ հայրապետանոցին մէջ 830): Յոյներ ալ կը ներեն, որ արտաքին ձեւերով որչափ ուզէ յագենայ ու մխիթարուի, եւ Պետրոս կը քաջալերուի իրօք թագաւորավայել ուղեկցութիւն մը կազմել, եթէ տրուած թիւերը կեղծեալ չեն: Ընտանի կամ տանեցի ազատները` փառաւոր հագուած են վառեալ զինուք 300 հեծեալներ են, եւ վարդապետներ եւ եպիսկոպոսներ եւ երաժիշտ ու վանական քահանաներ` 120 հոգի ջորիներու հեծած եւ հետի քալող սպասաւորներ 200, ընդ ամէնն 620 հոգի (ՈՒՌ. 122):

850. ՊԵՏՐՈՍԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ

Որպէսզի Պետրոսի հետեւորդները լոկ ծառայութեան սահմանուած անձեր չի կարծուին, Ուռհայեցիի մօտ յանուանէ կը յիշուին 17 եկեղեցականներ, իբր ծանօթ եւ գիտնական անձեր: Ասոնց գլուխը նշանակուած են երեք անուններ յատուկ գովաբանութեամբ, Բուլխար վարդապետ` նախնական եւ լաւն ի բնաւից. Խաչատուր` ամենագովելի դպրապետ, եւ Թադէոս` այր անպարտելի զօրութեամբ, անշուշտ գիտնականութեան, եւ ոչ ըմբշամարտութեան իմաստով: Ետեւէն կու գան ութը վարդապետներ, Գէորգ Քարնեղեցի, Յովհաննէս Քարնեղեցի, Մատթէոս Հաղբատացի, Մխիթար Գնայրեցի, Տիրանուն Կապանեցի, Վարդան Սանահնեցի, Բարսեղ Բաշխատացի, եւ Մխիթարիկ, որոնք ուրիշ կողմէն ծանօթ չեն: Վերջը դասուած են, տէր Եղիսէ, տէր Բարսեղ, տէր Գէորգ, տէր Եփրեմ, տէր Անանէ, եւ տէր Խաչիկ, որոնցմէ առջի երեքը ծանօթ եպիսկոպոսներ են, որով ամենուն ալ նոյնպէս եղած ըլլալը կը հետեւցնենք: Եղիսէին համավայելուչ եւ շքեղ, իսկ Գէորգի Ջուլահակձագ կոչումները աւելցուած են (ՈՒՌ. 123): Վերջին երկուքը քեռորդիներուն համանուններ են, բայց նոյներ են ըսել չենք կարծեր, քանի որ Անանիա առաջուց եկած էր, եւ Խաչիկ Հայաստան մնացած էր: Պետրոսի նախորդ եւ ազգակից կաթողիկոսներու անուններ են, որ գործածական անուն եղած կը տեսնուին: Դիտողութեան արժանի է որ վարդապետներ եպիսկոպոսներու կը նախադասուին, որով թէ վարդապետութեան մեծութիւնը կը հաստատուի, եւ թէ վարդապետներուն գիտնական եպիսկոպոսներ եղած ըլլալը կը հաստատուի: Եղիսէի եւ Բարսեղի համար գիտենք, թէ իրարու եղբայրներ են, եւ թէ առաջ Գրիգոր Մագիստրոսի մօտ իմաստասիրութեան աշակերտած են, զորս յետոյ Պետրոս անկէ ուզած եւ իրեն մօտ առած եւ եկեղեցականութեան մէջ յառաջացնելով իբր անբաժան ընկերներ այլ եւս քովէն չէ հեռացուցած: Մագիստրոս նամակով մը Պետրոսի կը ղրկէ զանոնք. Առ, ընկալ յինէն զծառայքդ քո (ՄԱԳ. 19), եւ ուրախութիւն կը յայտնէ, թէ գառինքս այս ի քաջ հովիւ վստահացայ (ՄԱԳ. 18): Նամակը թուական չունի, եւ չի ճշդեր թէ երբ տեղի ունեցաւ այդ եղելութիւնը, բայց նկատելով որ Պետրոսի Կոստանդնուպոլիս գացած ատեն արդէն երկուքը եպիսկոպոս եղած էին, բաւական յառաջ դնելու է Գրիգորի աշակերտութենէն Պետրոսի աշակերտութեան անցնելնին: Նոյն նամակը (ՄԱԳ. 15) չափազանց գովաբանութիւններով լեցուն է Պետրոսի հասցէին, ինչպէս նաեւ միւս ութը հրատարակուած նամակները, ինչ որ կը ցուցնէ, թէ ինչ ալ ըլլար երկու թղթակիցներու քաղաքական ընթացքը եւ ագային գործերու վրայ տեսութիւնները, անոնց ներքին բարեկամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը երբեք նուազած չէր իրարու հանդէպ: Իսկ Եղիսէի եւ Բարսեղի աշակերտութիւն փոխելը հաւանաբար հետեւանք եղած է Պետրոսի Բջնի բերդին մէջ կրած բանտարկութեան, ուր ճանչցած եւ հաւնած կ՚ըլլայ Գրիգորի աշակերտները, Կոստանդնուպոլիս երթալէն տասը տարի առաջ:

851. ՅՈՅՆԵՐՈՒ ՎԱՐՄՈՒՆՔԸ

Պետրոսի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտած ընդունելութիւնը եղաւ բազում պատուով եւ մեծարանօք, եւ իրեն համար սահմանուած պատուասիրութիւնը առատ ռոճկօք (ԼԱՍ. 72): Իբրեւ նշանաւոր պարագայ կը յիշուի, թէ ամենայն քաղաքն դղրդեցաւ ընդ առաջ, թէ ահաւոր փառօք տարան զնա ի Սուրբն Սոփի, թէ անդ հանդիպեցաւ նա թագաւորին եւ պատրիարքին, այսինքն Մոնոմախոսի եւ հռչակաւորն Կերուլարիոսի, թէ իջուցին զնա ի փառաւոր տուն, եւ թէ առջի օրէն անմիջապէս կենդինար մի, որ է հարիւր լիտր արծաթ ետուն ծախս (ՈՒՌ. 123): Հասնելէն անմիջապէս ետքը յերկրորդ աւուրն Պետրոս կայսեր այցելութեան գնաց, որ կաթողիկոսը դիմաւորելով ընդունեցաւ, եւ հրամայեաց նստուցանել յոսկի սելին (ՈՒՌ. 124), այսինքն յաթոռ ոսկի (ՍՄԲ. 67), եւ շատ սիրալիր եղաւ տեսակցութիւնը: Երբոր կաթողիկոսը մեկնելու կ՚ելլայ, իր հետեւորդներէն Եղիսէ եպիսկոպոս Պետրոսի նստած աթոռը յինքն առեալ միատեղ տանելու կ՚ըլլայ, մինչ պալատան սպասաւորներ թող չեն տար, իսկ Եղիսէ ուժգին ոչ տայր, այնչափ որ գործը Մոնոմախոսի մտադրութիւնը կը հրաւիրէ, եւ եղածին բացատրութիւնը կը պահանջէ: Եղիսէ առջեւ անցնելով կը պատասխանէ, թէ իրենց համար օրէնքն այսպէս է. հայրապետական աթոռ է, եւ ոչ ոք է արժանի ի նմա նստիլ: Չենք գիտեր թէ արդեօք Հայեր այսպիսի սովորութիւն մը ունէի՞ն, թէ ոչ Եղիսէի յանկարծ մտածած մէկ աչքաբացութիւնն էր, եւ տեղէ մը լուսաբանելու վկայութիւն չենք գտած: Ամէն առթի մէջ Մոնոմախոս խնդիր ընել չուզեց, եւ թող տուաւ որ աթոռը տանին, միայն հեգնօրէն կը յաւելուր. Տէր Եղիսէ, հազար դահեկան է աթոռդ, պահեսցես զնա տեառն քում, զի մի այլ ոք նստցի ի դմա (ՈՒՌ. 124): Պետրոսի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մնացած ատենը յոմանց ամս երիս (ԼԱՍ. 72) եւ ուրիշներէ չորս ամաց միջոց ըսուած է (ՈՒՌ. 125), ամիսս չորս գրուած ալ կայ (ՍՄԲ. 67), բայց ճիշդ Գ ու Դ թուատառերու, եւ ամս ու ամիսս բառերու գրչագրական շփոթութիւնն է: Ժամանակագրական բաղդատութեամբ 4 տարի ըսել ընդհանրապէս ընդունուած է, որով 1047-էն կը հասնինք 1051 թուականը: Պետրոսը այսպէս արգելական պահելու նպատակը կը բացատրէ ժամանակակից պատմիչն ըսելով, թէ կայսրը կասկածէր թողուլ ի Հայս, թէ երթեալ ապստամբեցուցանէ զԱնի (ԼԱՍ. 72): Այսչափը բաւական է մեզի հետեւցնելու, թէ ուրեմն մեծ հիասթափութիւն տեղի ունեցած էր Պետրոսի միտքին մէջ, որ զգացած յուսախաբութեան վրայ` այնչափ սաստիկ փոփոխութիւն կրած էր, որ Անին երեք անգամ Յոյներուն ծախող, եւ իր ձեռքով Անիի բանալիները Յոյներուն յանձնող ըլլալով մէկտեղ, կասկածելի եղած էր թէ Անին Յոյներուն դէմ ապստամբեցնելու գլուխ կրնայ կանգնել: Այդ տեսութիւնն էր հարկաւ, որ միւս կողմէն կայսրը կը ստիպէր Պետրոսը պատուով պահել եւ հանգստութեամբ ապրեցնել, որպէս զի ինքը դժգոհութեան առիթ չունենայ, եւ Հայերն ալ զայրանալու պատճառ չունենան, եւ արտաքին երեւոյթով պարտկէ ներքին նպատակը:

852. ՊԵՏՐՈՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Պետրոսի Կոստանդնուպոլիս անցուցած չորս տարիները, կարեւոր միջոց մը կը կազմեն պատմութեան համար, որք սակայն մանրամասնաբար բացատրուած չեն: Պետրոս կ՚ապրէր իբրեւ կաթողիկոս, պատիւներով շրջապատուած, այնպէս որ աւուր աւուր յաւելոյր փառօք եւ պատուովք ի մէջ Յունաց (ՈՒՌ. 124): Ըսել է թէ Պետրոս, թէպէտ ներքին կերպով Յոյներէ վշտացած եւ անոնց աչքին կասկածելի դարձած, ինքն ալ կ՚աշխատէր դուրսէն զինքն հաշտ ցուցնել, որ վստահութիւն գրաւելով ազատութիւն գտնէ: Կայսրը զինքը մօտէն կը բռնէր եւ Պետրոս ստէպ երթայր ի պալատ թագաւորին, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքն ալ դժուարութիւն չէր հաներ, որ զհայրապետական գաւազանն յառաջ տանէին, ինչ որ թեմակալ իրաւասութեան յատուկ նշանակութիւն ունէր, եւ Յոյն պատրիարքին վերապահուած առանձնաշնորհութիւն էր: Պետրոսի այցելութեանց առիթներուն թագաւորն երկիրպագանէր, որ յունական սովորութեամբ` եպիսկոպոսներ ողջունելու մինչեւ հիմա պահուած ձեւ մըն է, որուն սակայն կայսրներ չէին սիրեր խոնարհիլ: Ընդունելութիւններն ալ փառաւոր ընելու համար կայսրը հրաման տայր մեծամեծաց իւրոց ելանել ընդդէմ տէր Պետրոսի: Սակայն չենք կարծեր թէ Պետրոսի ներուած ըլլար Հայաստանի հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալ, եւ հեռուէն ալ հայրապետական իշխանութիւն գործածել, եւ աթոռին պատկանեալ գործերուն վրայ հրահանգներ տալ կամ հրամաններ արձակել, քանի որ Լաստիվերտցիին յայտնած կասկածը կը տիրէր, թէ կրնայ ապստամբեցուցանել զԱնի (ԼԱՍ. 72): Հետեւաբար պիտի ընդունինք թէ կաթողիկոսին եւ կաթողիկոսութեան մէջ յարաբերութիւնները պաշտօնապէս ընդհատուած կը մնային, եւ Խաչիկ ինքնին կը վարէր գործերը, եւ կը գոհանար գաղտնի եւ անպաշտօն հրահանգներ ստանալ իր գլխաւորէն եւ մօրեղբօրմէն:

853. ՊԵՏՐՈՍԻ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Պետրոսի հոգեկան վիճակը բացատրելու համար, իրեն նոր կենսագիրներէն մին (ԳԵՏ. 19), առիթ կը քաղէ այն ծանօթութենէն թէ շարականներէն զհանգստեանն եւ զմարտիրոսացն եւ զբազումս ի մանկտեացն Պետրոս Գետադարձն է յօրինած (ՏԱԹ. 637), եւ կը հետեւցնէ թէ անոնք Կոստանդնուպոլսոյ պարապութեան մէջ գրուած պիտի ըլլան: Այս ենթադրութեամբ ննջեցելոց շարականներէն առաջին դէմքով գրուածները` Պետրոսի սիրտին զեղուածէն բղխած հառաչանքներ կը կարծէ, որ իր ըրածները միտքը բերելով, եւ իր կեանքին վերջն ալ մօտեցած տեսնելով, կը մղուի աստուածային գթութեան ապաւինելու, եւ կ՚ըսէ. Մերձեցայ ես ի դուռն գերեզմանին, բժիշկ իմաստուն եւ ճարտարապետ, բժշկեա զհոգւոյ իմոյ զհիւանդութիւն (ՇՐԿ. 769). Ոսկի եղեալս անպիտանացայ, իմաստունս յիմարացայ ի յալեաց մեղաց յոր ընկղմեցայ (ՇՐԿ. 770). Զընկղմեալիս յահագին մեղաց ծովուս ապրեցո ի գեհենոյն: Զլուսաւորեալքս ծննդեամբ սուրբ աւազանին մի բարկութեամբ խրատէր (ՇՐԿ. 765): Եւ կարծես թէ ըրածը քաւելու համար նոր կեանքի առաջադրութեամբ կը յաւելու. Կեցցէ անձն իմ, օրհնեսցէ զքեզ զամենայն աւուրս կենաց իմոց: Եղիցի ձեռն քո պահապան անձին իմոյ, եւ աջ քո բարի առաջնորդեսցէ ինձ ի յարդարութիւն (ՇՐԿ. 769): Գեղեցիկ է Կոստանեանցի գիւտը, բայց խնդիր է ցուցնել թէ Պետրոս իրօք յիւր դէմս գրած ըլլայ, ինչ որ պարզապէս հոգեւորական քերթուած մըն է, եւ ոգեւորեալ երգարանի արտադրութիւն: Բայց շատ հաւանական է որ Պետրոս իր պատուաւոր արգելականութիւնը ջանացած ըլլայ բարեպաշտական եւ գրական աշխատութիւններով թեթեւցնել: Ասոր մէկ նշանն է հոգեւորական գիրքերու ստացութեան համար Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կատարած ջանքը, ինչպէս կը քաղուի Ոսկեբերանի ճառերուն օրինակի մը վրայ տեսնուած յիշատակարանէն, ուր կը վկայէ, թէ մեծ փափաքանօք եւ յորդորամիտ կամօք ստացած է զայն (ԹՐԳ. 604), եւ կը յաւելու. Քանզի զայլովք զամենեքումբք զանց արարի պատուիրանով եւ հոգւով, եւ զբազմապատիւ զմարգարիտն փոխանակ ամենեցուն, որոց ունէին երբեմն փոխանակեցի, եւ եղէ մեծաշահ վաճառական, եւ զուարճանամ այսոքիւք առաւել քան որովք բազմօք բերկրին (ԹՐԳ. 606): Արծաթասէր վկայեալ Պետրոսն է, որ կը խոստովանի թէ այլեւս հարստութիւնները կ՚անարգէ, եւ հոգեւորականութեամբ կը զուարճանայ: Իսկ յիշատակարանի 497 թուականը, որ է 1048 տարին, ճշդիւ կը պատասխանէ Պետրոսի Կոստանդնուպոլիս անցուցած առաջին տարիներուն:

854. ՏՈՒՂՐԻԼԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Անիի Յունաց անձնատուր ըլլալը, թագաւորութեան դադարիլը, եւ հայրապետութեան տագնապը, նորանոր աղէտներու շարք մը եղաւ: Անոնց հետեւեցաւ ահագին երկրաշարժ մը, որ աւելի Եկեղեաց գաւառին վրայ ծանրացաւ, եւ քաղաքն որ Երզնկան կոչի, փլաւ առհասարակ, պատառեցաւ երկիրն եւ արք եւ կանայք ընկղմեցան ի խորս անդնդոց (ՈՒՌ. 114): Բայց անկէ աւելի սաստիկ փորձանք մը եղաւ Տուղրիլ, որ մեծ արշաւանք մը ղրկեց, Յոյներուն հինէն եւ նորէն գրաւած Հայկական գաւառներուն վրայ: Հայաստանէ դուրս տեղի ունեցած արշաւանքները զանց ընելով, յիշենք նախ Արճեշի վրայ ղրկած բանակը, որ զայն գրաւեց եւ կոտորեց, եւ ինքն Տուղրիլ` գերի ինկած Ստեփան յոյն զօրավարը չարչարեց եւ մորթազերծ սպաննեց (ՈՒՌ. 117): Ասոր վրայ Սելճուքեանց զօրավարներէն Աբրէէմ եւ Գթլմուշ անթիւ բազմութեամբ անարգել յառաջեցին, զի զարս քաջս եւ զհզօրս քակեալ հանին յարեւելից Հոռոմք, եւ կուրտ զօրապետօք ջանային պահել զաշխարհն Հայոց (ՈՒՌ. 120), Հայ զօրավարները հեռացուցած, եւ Յոյն ներքինիներու յանձնած էին երկրին պաշտպանութիւնը: Վասպուրականի Արճէշէն սկսելով քանդեալ ապականեցին գաւառս քսան եւ չորս հրով եւ գերութեամբ, եւ հասան Բասենի Վաղարշաւանը (ԼԱՍ. 54), որ է այժմեան Քէօբրիւքէօյը: Աւուրս չորեքտասան դադարէ, եւ Բասէնի եւ Կարինի դաշտերը ապականելէ ետքը, զանազան թեւերու բաժնուեցան եւ ասպատակեցին եւ քանդեցին Խաղտիք, Տայք, Տարոն, Հաշտեանք, եւ Խորձեան գաւառները, եւ բնաւ զաշխարհս քարուքանդ ըրին (ԼԱՍ. 57): Ամենէն սաստիկ կոտորածը տեղի ունեցաւ Մանանաղի գաւառի Սմբատաբերդը, ուր ժողովեալ էին բազմութիւն անթիւ փախստէիցն (ԼԱՍ. 61): Ահագին կոտորած մըն ալ կատարուեցաւ Արծն քաղաքի մէջ, որ անթիւ բազմութեամբ եւ անհամար հարստութեամբ լեցուն, բայց անպարիսպ քաղաք մըն էր (ՈՒՌ. 120): Քաղաքն ամբողջ քանդուեցաւ, շէնքեր կրակի տրուեցան, հարստութիւններ կողոպտուեցան, բազմութիւնը ջարդուեցաւ, որ 15 բիւր կամ 150, 000 կը հաշուուի (ՈՒՌ. 121), եւ քահանաներ 152 (ԼԱՍ. 68): Եկեղեցիներէ կողոպտուած հարստութիւնները, 800 վեցկիներու, այսինքն վեց եզով լծուած սայլերու բեռ եղած կ՚ըսուի, եւ Դաւթուկ քորեպիսկոպոսի անունն ալ կը յիշուի, իբր եկեղեցական գանձերուն պահապան կամ փակակալ (ՈՒՌ. 121): Արծնի եկեղեցիներուն 700 (ՍՄԲ. 66) կամ 800 թիւը (ՈՒՌ. 121), չափազանցուած պիտի ըսուէր, եթէ չդիտէինք, որ եկեղեցի ընդ պատարագօք բացատրութիւնը (ՈՒՌ. 121) յարմարագոյն է պատարագ մատուցանելիք սեղաններու վրայ մեկնել, որոնք բազմաթիւ էին եկեղեցիներու զանազան խորշերուն մէջ, ինչպէս ցարդ մնացած աւերակներն ալ կը հաստատեն: Աղիողորմ ողբերով կը նկարագրէ Լաստիվերտցին Արծնի կոտորածը, որուն ականատես եղած էր հարկաւ, եւ զոր քաղաքիս մերոյ անունով կը կոչէ (ԼԱՍ. 67): Արծն Կարնոյ դաշտին գլխաւոր քաղաքն էր, որոյ տեղը կայ այժմ Քարարզ գիւղը, իբրեւ Քարա-Արզ, որ է Սեւ Արծն: Նոյնիսկ Կարին քաղաքի կամ Թէոդուպոլիսի տրուած Արզրում անունն ալ` յարմարագոյն է Արծն Հոռոմոց ստուգաբանել, քան Երկիր Հոռոմոց: Այդ եղելութեանց թուական ցուցուած է Հայոց 497 տարին, երկրորդ ամ գերութեանն մերոյ (ԼԱՍ. 57), որ է 1048 գարունէ 1049 գարուն միջոցը:

855. ԲԱՍԵՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Մոնոմախ կայսր ուզելով այդ կորուստներուն վրէժը լուծել, հրաման տուաւ նոր եւ զօրաւոր բանակ մը կազմել, եւ զանազան գաւառներու ոյժերը միացնելով Սելճուքներէն վրէժ լուծել: Այդ կերպով եկան հաւաքուիլ Բասենի դաշտին մէջ, Կամենաս` Անիի եւ Արարատի կուսակալը, Ահարոն Բուլղար` Վասպուրականի կուսակալը, Գրիգոր Մագիստրոս որ Տարոնի կուսակալ էր եղած, եւ Լիպարիտ Օրբելեան Վրաց գունդերուն զօրավարը, բայց կը պակսէր գերագոյն հրամանատարը, եւ բազմիշխանութիւն կը տիրէր, մինչ գրուած է, թէ բազմիշխանութիւն ամբոխեալ է եւ անյարմարական եւ մերձ ի լուծումն, ինչ որ եւ սոցա հանդիպեցաւ (ԼԱՍ. 70): Պատերազմին սաստկութեան եւ թշնամիներուն զօրանալուն վրայ` Ահարոն Բուլղար իւրայնովքն ի թիկունս դարձեալ կը փախչէր: Ասոր վրայ Կամենաս եւ Գրիգոր ալ իրենց զօրաց հետ ի փախուստ դառնային, իսկ Լիպարիտ դիմադրութիւնը շարունակել ուզած ատեն կը պաշարուէր եւ կը ձերբակալուէր, եւ անգամ մըն ալ երկիրը Սելճուքեանց հրոսակներուն կը մատնուէր (ԼԱՍ. 71), որոնք կանոնաւոր տիրապետութենէ աւելի, կոտորածի եւ կողոպուտի ետեւէ էին: Յաղթական հրոսակը Կարսի վրայ ալ քալեց, եւ յանկարծ պաշարեց քաղաքը, երբ Յայտնութեան տօնին գիշերը անհոգութեամբ եկեղեցական պաշտամանց զբաղած էին, եւ որպէս օրէն է քաղաքաց, սովոր էին ի տէրունական տօնսն բազում զարդարանօք վայելչանալ (ԼԱՍ. 73): Այդ թուականը կրնանք պատշաճեցնել 1050 Յունուարի 6-ին, կամ 498 մարգաց 3-ին: Յարձակողները ամբողջ գիշերը եւ մնացեալ զօրն ազգոյն աւարառութեամբ զբաղելէ ետքը, առեալ զգերի եւ զկողոպուտ քաղաքին գնացին յաշխարհն իւրեանց (ԼԱՍ. 74): Իսկ Լիպարիտի գերութիւնը երկար չեղաւ, եւ ազատութիւն ստացաւ իր իմաստուն խօսուածքովը: Բրէհիմ, որ Սելճուքեանց հրամանատարն էր, Լիպարիտը` որ Ապիրատ ալ կոչուած է (ՎԱՐ. 99), Տուղրիլի կը ղրկէ, իբրեւ զմեծ ինչ եւ քան զամենայն գերին հաճելի նմա (ԼԱՍ. 71): Լիպարիտի կ՚առաջարկուի իսլամութիւն ընդունիլ, իսկ նա կը խնդրէ անձամբ տեսակցիլ Տուղրիլ սուլթանին հետ, եւ անոր հարցումին պատասխանելով կ՚ըսէ. Եթէ վաճառական ես` ծախեա զիս, եթէ դահիճ ես` սպան զիս, իսկ եթէ թագաւոր ես` պարգեւօք ազատեա զիս: Տուղրիլ ստորին կը գտնէ վաճառականի դերը, եւ վատ` դահիճի դերը, եւ թագաւոր երեւնալու միտքով, պարգեւներով ազատ կը թողու Լիպարիտը (ՎԱՐ. 99), որ կայսեր հրամանով Վրաց կուսակալ կը նշանակուի, Բագարատ թագաւորին Կոստանդնուպոլիս տարուելուն վրայ (ՎԱՐ. 100), թէպէտ Բագարատ կրցաւ նորէն ձեռք ձգել իր թագաւորութիւնը:

856. ՀԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ

Անիի իյնալէն ետքը կը մնային տակաւին Կարսի Գագիկը եւ Տաշիրքի կամ Գուգարաց Կիւրիկէն, իսկ Անիի Գագիկը Պիզուի կողմերը, Կեսարիոյ գաւառին մէջ 844): Նա միջոց մը Կոստանդնուպոլիս մնացած էր, բայց չենք կրնար ճշդել, թէ առիթ ունեցաւ արդեօք Պետրոսն ալ այնտեղ տեսնել եւ բանալիներու առաքումը 844) երեսը զարնել, թէ ոչ արդէն ինքը մեկնած էր, երբոր Պետրոս Կոստանդնուպոլիս տարուեցաւ 1047-ին, ուր Գագիկ գացած էր երկու տարի առաջ 1045-ին 843): Գագիկ, Անի երթալէ արգելուելով, զտունն հայրենի բերել տուած կ՚ըսուի ի Հոռոմս, այսինքն Պիզուի իշխանութեան մէջ, ուր դեգերեալ եւ պանդխտեալ կ՚ապրէր, եւ սիրտին դառնութենէն նեղութիւն մեծ արկանէր ի վերայ ազգին Յունաց պէսպէս խայտառակութեամբ: Թագաւորական էր իր վայելած իշխանութիւնը, թէպէտ նեղ սահմանին մէջ, որուն բնակիչները Յոյներ էին առաւելապէս, եւ անոնցմէ կը լուծէր իրեն դէմ գործուած անիրաւութեան վրէժը, եւ հայրենի թագաւորութիւնը կորսնցնելուն ցաւը, զոր նենգութեամբ յափշտակեցին աստուածուրաց եւ նենգաւոր ազգն հերետիկոսաց (ՈՒՌ. 112): Պատմիչին սիրտն ալ Գագիկի չափ այրած կ՚երեւի, որ անսովոր բացատրութիւններով կը կարծէ իր ցասումը յագեցնել: Հայ թագաւորներէն Ատոմ ալ կար Սեբաստիոյ մէջ: Անգամ մը Միքայէլ Պափղագոնի ժամանակ, ոմն անօրէն եւ չար իշխան ի յազատացն Սենեքերիմայ, նորէն Հայ քսու մը, Ատոմի եւ եղբօրը Աբուսահլի դէմ զրպարտութիւններ էր խօսած կայսեր, եթէ կամին ապստամբիլ ի վերայ քո, եւ ասոր վրայ կայսերական բանակ մը եկած էր Սեբաստիոյ վրայ: Արծրունեաց արքունիքին հին զօրավարներէն Շապուհ կ՚ուզէր զինու զօրութեամբ դիմադրել, բայց Ատոմ խոհեմութիւն սեպեց զէնքի չձեռնարկել, ուսկից վերջնական արդիւնք մը յուսալի չէր, եւ եղբօրը հետ Կոստանդնուպոլիս գնաց ու կայսեր ներկայացաւ, ճշմարտութիւնը պարզեց, քսութիւնը ցրուեց, եւ կայսրը համոզեց, որ հիացաւ անոնց վրայ, եւ հրամայեաց զմատնիչսն կորուսանել (ՈՒՌ. 96): Ատոմ յաջողութեամբ Սեբաստիա դառնալէն ետքը, այլեւս լաւ յարաբերութեանց մէջ ապրեցաւ կայսրներու հետ:

857. ՊԵՏՐՈՍ Ի ՍԵԲԱՍՏԻԱ

Ատոմ այս յաջողութեամբ զօրացած, համարձակեցաւ Մոնոմախոսէ խնդրել որ վերջ տրուի Պետրոսի պատուաւոր արգելականութեան, եւ ներուի անոր, որ Հայաստան դառնայ: Կայսրը միշտ Պետրոսի մասին կասկածոտ 851), չուզեց արտօնել անոր Անի դառնալը, բայց Ատոմն ալ չուզելով կոտրել, հաճեցաւ որ Սեբաստիա դառնայ, եւ զամենայն պատուական զգեստս տուեալ հայրապետին, եւս եւ ազատաց նորա` բազում ընծայս եւ գանձս եւ դիպակս ոսկւոյ եւ արծաթոյ, եւ ազգի ազգի զարդարանս եւ իշխանութիւնս շնորհելով, Սեբաստիա ղրկեց (ՈՒՌ. 125), Ատոմի պաշտպանութեան եւ երաշխաւորութեան ներքեւ ապրելու պայմանով: Այսպէս Պետրոս կրցաւ թէ ոչ իր աթոռը, գոնէ Հայոց մէջ դառնալ, եւ իր ժողովուրդին հետ անմիջական շփման մէջ գտնուիլ: Պետրոսի իբրեւ հաստատուն բնակավայր, կամ իբրեւ առժամեայ հայրապետանոց նշանակեց Ատոմ Սեբաստիոյ Սուրբ Նշան վանքը, զոր իւր շինեալ էր բազմայարդար զարդարանօք, կ՚ըսէ պատմիչը (ԼԱՍ. 72), սակայն Սուրբ Նշանի վանքը Սենեքերիմէ շինուած էր արդէն 824), եւ Ատոմ միայն զայն աւելի զարդարած կրնայ ըլլալ: Այս կերպով Պետրոս նորէն հայրապետական իշխանութիւնը ձեռք առած կը սեպուէր, եւ ուղղակի ալ կրնար հովուել Ատոմի եւ Գագիկի սահմաններուն մէջ եղող Հայերը, եւ գերիշխան կերպ մը պահել ներքին վիճակներու վրայ, թողլով որ Խաչիկ ըստ առաջնոյն անմիջական իշխանութիւն վարէ այն կողմերուն վրայ, մանաւանդ որ Պետրոս` տարիքը առած եւ տառապանքէ նեղուած, անձամբ ալ բաւական տկարացած պէտք էր ըլլար: Ինչպէս անգամ մը յիշեցինք 851), Պետրոսի Կոստանդնուպոլսոյ արգելականութեան վերջը պէտք է դնել շուրջ 1051-ին, Կոստանդին Մոնոմախոս կայսեր եւ Միքայէլ Կերուլարիոս պատրիարքին օրով:

858. ԹՈՆԴՐԱԿԵՑԻՔ ԵՒ ՄԱԳԻՍՏՐՈՍ

Գրիգոր Պահլաւունի` Վասակի որդին, Վասպուրականի, Տարոնի, Մանազկերտի, Արճէշի, Բերկրիի եւ Միջագետքի կուսակալ անուանուած էր (ՄԱԳ. 213) մագիստրոսութեան աստիճանով եւ այդ աստիճանին անունն է, որ իբրեւ մակդիր անուն մնացած է իր վրայ, թէպէտեւ շատեր կային, նոյն իսկ Հայերուն մէջէն, որ մագիստրոսութեան աստիճան ունէին: Ինքն ոչ միայն ներհուն փիլիսոփայ եւ հմուտ լեզուագէտ ու գրագէտ մըն էր, այլեւ կատարեալ աստուածաբան մը եւ կրօնքի նախանձախնդիր պաշտպան մը, ինչպէս իրմէ մնացած գրութեանց ամէն մի տողը կը հաստատէ: Պէտք չէ ուրեմն զարմանալ երբոր տեսնենք զինքն կրօնական ձեռնարկներու գլուխը, նոյնչափ եռանդով, որչափ հայրապետ մը կրնար ունենալ: Պատմած ենք Սարգիս կաթողիկոսի օրով Թոնդրակեցւոց 805) եւ Կաշեցւոց 806) դէմ եղած հալածանքները, որոնց հետեւանօք պահ մը մարած էր աղանդաւորներու ըմբոստութիւնը: Ատեն անցնելով եւ ոյժերնին հաւաքելով նորէն սկսեր էին Թոնդրակեցիք ասպարէզ գտնել, եւ իրենց շահատակութիւնները ընդարձակել իրենց կեդրոնին մէջ, եւ այս անգամ իրենց գործունէութեան գլուխ կանգնած էր աղանդապետնին Ղազար, զոր Շէկ-Շուն կը կոչէ Մագիստրոս (ՄԱԳ. 166): Թոնդրակ կը գտնուէր իր իշխանութեան ներքեւ, բիւզանդական օրէնքներն ալ խիստ էին աղանդաւորներու դէմ, եւ մինչեւ իսկ սահմանած էին զվերջին պատուհասն կրել նոցա, եւ իրօք ալ բազում զօրավարք եւ պետք ի սուր սուսերի մատնեցին զնոսա (ՄԱԳ. 162): Մենք ալ պատմութեանս կարգին յիշած ենք Պաւղիկեանց դէմ գործածուած բուռն ճնշումները եւ Տեփրիկիոյ կոտորածները 671): Մագիստրոսի աչքէն վրիպած չէին հարկաւ Թոնդրակի անցուդարձները, երբ այնտեղէն երկու քահանայք, Պօղիկարպոս եւ Նիկանովը, զղջումի գալով եկեալ խոստովանեցան, եւ ամէն բան նշանակեցին ու լուր տուին (ՄԱԳ. 161): Մագիստրոս այս անգամ զինու զօրութեամբ եկաւ Թոնդրակ, որ էր աղանդաւորաց կեդրոնը, զոր Շնավանք կ՚անուանէ, եւ ուր բնակեալ էին արք հանդերձիւք կրօնաւորաց, եւ կանանց բազմութեան բոզից, եւ կը հրամայէ տապալել զհիմունսն յարկացն, եւ հրձիգ առնել, եւ զինքեանս հանել ի սահմանաց իւրոց: Ձեռք կ՚անցընէ եւս զթուղթսն առ անօրէն առաջնորդն Յեսու. եկեալ յիւրաքանչիւր գաւառաց, որոնք լի էին չարաչար կախարդութեամբ եւ հայհոյութեամբ: Իբրեւ իր մեծանձնութեան նշանակ կը յաւելու, թէ ոչ զոք վնասեցաք մարմնական պատուհասիւք (ՄԱԳ. 162), այլ ընդհակառակն զղջումի յորդորելով աւելի քան զհազարս հաղորդութեան ընդունեցաւ, գործակցութեամբ քանի մը եպիսկոպոսներու, որոնց գլուխն էր Եփրեմ Բջնիի արքեպիսկոպոսը (ՄԱԳ. 158), իր հին մտերիմը (ՄԱԳ. 131): Թոնդրակեցւոց աղանդապետը Ղազար, Ասորւոց Պետրոս կաթողիկոսին պաշտպանութեան դիմած, եւ նա ալ Մագիստրոսի առջեւ պաշտպանած ըլլալուն, երկար պատասխան մը կը գրէ անոր Մագիստրոս (ՄԱԳ. 148-164) մի առ մի բացատրելով ամէն բան, եւ յանձնարարելով, մի' ողորմեսցիս նոցա, եւ մի' միաբանեսցիս, եւ մի' արասցես արժանի տեսութեան (ՄԱԳ. 164): Անկէ ետքը լսելով որ ուրիշ ճիւղ մըն ալ, Թուլայլեցի կոչուած, կը ջանայ Ասորւոց պաշտպանութեամբ զօրանալ, խիստ ազդարարութիւն ուղղեց անոնց, որ զգոյշ լինին գրելով կամ ուսուցանելով իրենց աղանդը տարածել աշխարհին Միջագետաց մէջ, եւ ամենայն որք ընդ իշխանութեամբ Հոռոմոց սուրբ թագաւորութեանն են, ապա թէ ոչ զօրութիւնն Աստուծոյ երեւեսցի ի ձեզ, եւ բարկութեամբ իւրով խռովեցուսցէ զձեզ (ՄԱԳ. 168): Որով Գրիգոր ինքզինքը իբրեւ աստուածային բարկութեան գործադիրը նկատած կ՚ըլլար: Այսպէս անգամ մըն ալ կը զսպուէին Թոնդրակեցի աղանդաւորներուն շարժումները: Մագիստրոս անոնք պախարակելուն առթիւ, իրենց գործածած անուններուն վրայ բառախաղերու ալ կը մտնէ: Թոնդրակեցիներուն համար կ՚ըսէ, անունդ այրեցման նշանակէ պատշաճ գոլ, թոնիր կամ թոնդիր բառէն առնելով, եւ թերեւս մերձակայ Թոնդրիկ հրաբխային լերան ալ ակնարկելով (ՂԱԶ. Բ. 46), Թուլայլեցիներուն համար կ՚ըսէ, թէ թուլացուցեալ անուանի կամ թուլացեալ յանդամոց, Խնունցիները կը կոչէ խցկեալ եւ խաւարեալ եւ ի խորամթին բնակեալ (ՄԱԳ. 164), Կաշեցի անունն ալ յիշած է (ՄԱԳ. 161), այլ կաշի դարձած են չ՚ըսեր: Այդ գործերը պէտք է շուրջ 1051 կամ 1052 տարիներու մէջ դնել, քանի որ անոնք իր պաշտօնավարութեան սկիզբը ըրած կը ցուցնէ ըսելով, թէ եկեալ ի Միջագետս հանդիպեցայ (ՄԱԶ. 167):

859. ՊԵՏՐՈՍԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Պետրոսի մրրկեալ եւ մրրկայոյզ կեանքին վերջերն ենք հասած, բայց կեանքին եւ մահուան թուականները շատ տարբեր կերպով յառաջ բերուած են մեր պատմագիրներէն: Պետրոսի Կոստանդնուպոլիսէ դարձը 1051-ին եւ Գրիգոր Վկայասէրի կաթողիկոսութիւնը 1065-ին իբրեւ հաստատուն կէտեր ընդունուած ըլլալով, միջոցը պիտի բաշխուի Պետրոսի վերջին տարիներուն, Խաչիկի կաթողիկոսութեան եւ աթոռոյ պարապութեան մէջ: Լաստիվերտցին ամս երկուս Սեբաստիոյ մէջ ապրած կը դնէ Պետրոսը (ԼԱՍ. 72), իսկ Վարդան ամ մի միայն (ՎԱՐ. 99), եւ հաշիւի առնելով Խաչիկի տրուած 6 (ՕՐԲ. Բ. 252) կամ 7 (ՍԱՄ. 112) տարիները, կ՚արդարանայ պարապութեան 5 (ՎԱՐ. 99) կամ 4 (ԿԱԼ. 225)տարի տեւողութիւնը, եւ ասոր կը համաձայնի Սմբատ ալ, երբ միայն 32 տարի կու տայ Պետրոսի կաթողիկոսութեան (ՍՄԲ. 71), որ այս կերպով կը պարունակուի 1019-է 1053 կամ 1054 տարիներու մէջ: Սակայն Սմբատ առանձինն կը մնայ իր նշանակած տեւողութեամբը, եւ պատմագիրներ առհասարակ աւելի երկար ցուցուցած են Պետրոսի կաթողիկոսութիւնը: Մխիթար Անեցին եւ Այրիվանեցին (ԱՅՐ. 17) եւ Կիրակոս (ԿԻՐ. 54) 39 տարի, Օրբելեան (ՕՐԲ. Բ. 252) եւ Կալանոս (ԿԱԼ. 225) 40 տարի, իսկ Անեցին (ՍԱՄ. 112) եւ Երեւանեցին (ՉԱՄ. 15) 42 տարի կու տան, եւ նորեր գրեթէ միաձայնութեամբ 40 տարի տեւողութիւնը ընդունելով Պետրոսի մահը կը դնեն 1058-ին, համաձայն Ուռհայեցիին (ՈՒՌ. 152)եւ Անեցիին, որ Հայոց 507-ին կը դնեն զայն (ՍԱՄ. 112), եւ այն ատեն 7 տարի կ՚երկարի Պետրոսի կեանքին վերջին մասը Սեբաստիոյ մէջ: Գալով Խաչիկի կաթողիկոսութեան Վարդան (ՎԱՐ. 99), Անեցին, Միխայիլ (ՔԱՀ. 38) եւ Այրիվանեցին (ԱՅՐ. 17) մինչեւ 2 տարի կ՚իջեցնեն զայն, սակայն քանի որ Լաստիվերտցին յայտնապէս 3 տարի Կոստանդնուպոլիս արգելական մնացած ըլլալը կը հաստատէ (ԼԱՍ. 72), հարկ կ՚ըլլայ յիշուած տեւողութիւնը Կոստանդնուպոլիսէ դառնալէն ետքը ազատ եղած միջոցին վրայ մեկնել, եւ հաստատուն պահել Խաչիկի 6 տարի կաթողիկոսութիւնը: Այդ առթին մէջ այլ եւս հնար չի լինիր 5 տարի պարապութեան միջոցը ընդունիլ Վարդանին (ՎԱՐ. 99) եւ Այրիվանեցիին հետ (ԱՅՐ. 17): Այդ դրութիւնը համաձայն կու գայ այն պարագային ալ, որով Խաչիկի Կոստանդնուպոլիս տարուիլը կը վերագրուի Տուկիծի (ՍԱՄ. 112, ՈՒՌ. 164. ՍՄԲ. 75), որ գահակալեց 1059-ին: Միւս կողմէն պակաս չեն անոնք, որ առանց երկարատեւ պարապութիւն մը ընդունելու, անմիջապէս զկնի տէր Խաչկայ (ՍԱՄ. 113) կաթողիկոս եղած կ՚ընդունին Վկայասէրը, կամ յորժամ հրաժարեաց ի յաշխարհէս տէր Խաչիկ (ՈՒՌ. 185), Վկայասէրը ընտրուած կ՚ըսեն, կամ Խաչիկ մեռածին պէս ժողովեալ ի մի վայր ընտրութիւն ըրին կը գրեն (ԿԻՐ. 54), որով երկարատեւ պարապութեան դրութիւնը այլ եւս տեղի չ՚ունենար: Ասոր հետ մէկտեղ Խաչիկէ ետքը կաթողիկոսի ընտրութեան արգելք մը կը յիշէ Շնորհալին (ՉԱՓ. 544), եւ ընտրութեան արտօնութիւն ընդունելու համար Գագիկ Աբասեան թագաւորին կայսեր երթալն ալ պատմուած է (ՎԱՐ. 102), եւ Մարիամ թագուհւոյն միջնորդելն ալ յիշատակուած (ԿԱԼ. 225), որոնք ընտրութեան յապաղած ըլլալը կը հաստատեն: Այդ տարբերութիւնները նկատի առնելով, ինչչափ ալ մենք պահ մը Պետրոսի կաթողիկոսութիւնը կարճելու, եւ երկարատեւ պարապութիւն մը ընդունելու դրութիւնը նախադասած էինք, սակայն երկու կողմերու վկայութիւնները կշռելով, հակառակը հաստատապէս հերքուած չենք գտներ, եւ ընդհանրաբար ընդունուած դրութենէ զատուելու չափ ոյժ չենք զգար, եւ Պետրոսի մահը մինչեւ 1058 յետաձգելը կ՚ընդունինք:

860. ՎԵՐՋԻՆ ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆՔ

Այդ հաշուոյն համեմատ, Պետրոսի կենդանութեան կ՚իյնայ Մոնոմախոսի մահը, 1054 Նոյեմբեր 30-ին զոր իբրեւ պոռնիկ եւ բոզասէր կը յանդիմանէ Լաստիվերտցին, եւ ոչինչ բարի յիշատակաց արժանի եղեալ վախճանեցաւ կ՚ըսէ (ԼԱՍ. 86): Կայսերաց պատմութեան մէջ տարօրինակ կերպով մը, իր քենին Թէոդորա ուղղակի կայսերական իշխանութիւնը ձեռք առաւ, եւ պահեց երկու տարի մինչեւ իր մահը 1056-ին: Իբր թէ Թէոդորա թագուհին Գագիկ Աշոտեանին առաջարկած ըլլայ, զի հոռոմ լիցի, եւ այր նմա, եւ թագաւորէ Յունաց, եւ Գագիկ մերժած ըլլայ (ՎԱՐ. 105), ինչ որ մենք հաւանական չենք տեսներ: Թէոդորայի մահուընէ ետքը գահ բարձրացաւ ծերունին Միքայէլ Զ. Ստրատիոդիկ, բայց իրեն դէմ ելաւ Կոմիանոս, եւ ինքն տիրացաւ, բայց չուզեց շարունակել, եւ Իսահակ Կոմնենոսը թագաւորեցնելով, կրօնաւորեցաւ, բայց այն ալ երկար չապրեցաւ, եւ 1059-ին գահ բարձրացաւ իր որդեգիրը Կոստանդին ԺԱ. Դուկաս, Տուկիծ կոչուած մեր պատմագիրներէն, որուն օրով նորոգուեցան Հայոց դէմ հակառակութիւնները, որք դադրած էին Մոնոմախոսի մահուընէ ետքը: Իսկ անդին Հայաստանի մէջ անընդհատ կերպով կը շարունակէին Սելճուքներու արշաւանքները, իրենց սուլթանին Տուղրիլի հրամաններուն համեմատ, որոնք եւսքանզեւս զայրացան երբոր 1055-ին Տուղրիլ Ապպասեանց ամիրապետութեան ալ տէր դարձաւ: Պաղտատի էմիրիւլիւմէրան Մելիք-էր-Ռահիմ, Պուիտեանց գերդաստանէն Մուքթատի-Պիէմրալլահ ամիրապետը շատ կը նեղէր, եւ Տուղրիլ օգնութեան կանչուեցաւ, Մելիքը վանեց, էմիրիւլիւմէրայի պաշտօնը ստանձնեց, ամիրապետին փեսայացաւ, եւ անկէ ետքը այլեւս ոյժ մը չկար որ Սելճուքները կարենար զսպել (ՎԵՐ. 464): Հայաստան կրեց այդ տարաբախտ զօրութեան հետեւանքը: Սելճուքներ հաստատուն տիրապետութեան նպատակը չունէին, այլ տարուէ տարի յարձակելով, կ՚աւրէին եւ կ՚աւարէին, կը կողոպտէին եւ կը յափշտակէին, կը ջարդէին եւ կը կոտորէին, կը գերէին եւ կը գերփէին եւ աւարն ու գերին առնելով կը դառնային: Կը դիտէին հարստութիւն եւ բազմութիւն եղող տեղերը, վրան հասնելու համար, եւ քանիցս նոյնիսկ Յայտնութեան օրը կատարած են իրենց յարձակումները, ինչպէս Հարքի (ԼԱՍ. 87) եւ Օկոմիի վրայ (ԼԱՍ. 93), պատրաստ աւար եւ գերի գտնելու նպատակով: Հայաստան` մեղկ եւ թոյլ Յոյն զօրավարներու յանձնուած` զօրաւոր ընդդիմութիւն չէր կրնար ընել: Անգամ մը Գագիկ Աբասեան` Կարսի թագաւորը (ՎԱՐ. 78), անգամ մըն ալ Թոռնիկ Մամիկոնեան` Սասունի իշխանը (ՍԱՄ. 111), յաջողած են յարձակումները վանել, սակայն այսչափը չէր բաւեր երկրին կերպարանը փոխելու, որ քարուքանդ եղած, անապատացած, անմարդացած, ցաւալի եւ ողբալի կացութիւն մը ունէր: Մենք զանց կ՚ընենք մի առ մի պատմել այդ եղելութիւնները, որոնց նկարագիրը շեշտերով տուած է Լաստիվերտցին, որ 1057-ին դէպքերը պատմելով կը գոչէ. Այս երեքտասան ամ է որ զայսպիսի անհանդուրժական կիրս կրեն ազգ քրիստոնէից, եւ ոչ շիջաւ սրտմտութիւն բարկութեան Տեառն (ԼԱՍ. 99): Ճիշդ այդ խեղճութեանց միջոցին է որ Պետրոս հեռուէն լսելով եւ դիտելով իր հայրենեաց տառապանքը, եւ ցաւագին հառաջանքներ արձակելով, կը կնքէ իր կեանքը Սեբաստիոյ վանքին մէջ, 1058-ին ատենները, եւ կը թաղուի նոյն վանքին մէջ (ՈՒՌ. 152):

861. ՊԵՏՐՈՍԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Պետրոս բնութեամբ գործունեայ` բայց եւ կրքոտ, յաջողակ` բայց եւ համարձակ, ճարտար` բայց եւ շահասէր անձ մը կը յայտնուի բոլոր պատմութեան ընթացքէն, այնպէս որ հայրապետէ աւելի հնարագէտի, եւ եկեղեցականէ աւելի քաղաքագէտի գործունէութիւն ունեցած է, եւ արտաքին ու անձնական շահերը գրաւած են անոր ամբողջ ուշադրութիւնը: Անխտիր եւ ազատօրէն մասնակցած է ամէն աշխարհային դարձուածներու, չէ խղճած իր շահը ամենէն բարձր տեղը դնել, եւ ինչ որ այդ ընթացքին հետեւանք հակառակութիւն, հալածանք, նեղութիւն մինչեւ իսկ բանտարկութիւն, իր վրայէն պակսած չեն: Այսպիսի կեանք մը հնար չէր որ չտկարացնէր եւ չհիւծէր ամենէն տոկուն կազմուածն ալ, եւ զարմանալի չէր ըլլար եթէ երկարակեաց եղած չըլլար, մինչ պատմութեան պահանջը բաւական երկար կեանք մը կ՚ենթադրէ իր վրայ: Փափուկ խնդիր մըն է անաչառ դատաստան մը ընել Պետրոսի հոգեբանական կացութեան վրայ: Ստոյգ է թէ Լաստիվերտցին Պետրոսի համարձակ պարսաւող եւ յայտնի դատապարտող մըն է, եւ անոր առաջնորդութեամբ հնար չէ նպաստաւոր գաղափար մը կազմել Պետրոսի զգացումներուն եւ դիտումներուն վրայ: Մենք ալ այդ կողմը միտեցանք յաճախակի: Սակայն խնդիր է վճռել, թէ շահասիրութեամբ մոլորած հայրենիքը իր անձին զոհող մըն էր Պետրոս, թէ ոչ յունամոլ քաղաքականութիւնը պարագաներուն պահանջած հարկը կը կարծէր: Մագիստրոս, որուն զգացումներուն վրայ պատմութիւնն ու աւանդութիւնը` երբեք կասկած չ՚ուզեր յարուցանել, անկեղծ հիացող մըն է Պետրոսի արժանիքին եւ գործերուն. եւ ոչ միայն իբր գիտնական եւ հանճարեղ միտք մը, այլ եւ իբր բարեսէր եւ առաքինի անձ մը կը նկատէ զայն, եւ գոգ պաշտելութեան կը հասցնէ իր պատկառանքը եւ զարմացումը: Մագիստրոսին այդ վկայութիւնն ալ իրեն կշիռ ունի կազմուելիք դատաստանին մէջ: Բայց միւս կողմէն Լաստիվերտցին ալ անկաշկանդ դատող եւ համարձակ խօսող վարդապետ մըն է, որ բնաւ անձնական ցաւ մը չունի Պետրոսէն. եւ կասկածելի չեն իր գրածները: Ասոր հակառակ Մագիստրոսին գրածները վերջին ժամանակներու կը պատկանին, երբ Անիի անկումը լրացեալ գործ մըն էր, յունական տիրապետութիւնը տարածուած էր, Մագիստրոս կայսերական պաշտօնեայ մըն էր, եւ Պետրոս յունական ճնշման ներքեւ յուսախաբութեան մատնուած էր: Իսկ ինչ որ Պետրոսի վրայ մեղադրելի է, բոլորն ալ առաջին ժամանակներու կը պատկանին: Տրապիզոնի բանակցութեանց հոգին Պետրոսն էր, Կիրակոսի մատնութեան հաւանականաբար գիտակից էր, Անիի բանալիներուն յանձնուելուն գլխաւոր պատասխանատուն էր, եւ դժուարին է այդ երեք կէտերն ալ արդարացնել: Չորք աթոռք թագաւորութեան ունէր Հայք, Վանի, Անիի, Կարսի եւ Գուգարքի մէջ, թող թէ զկիւրաղապատին իշխանութիւն, որ կը տարածուէր Ափխազաց եւ Վրաց եւ Աղուանից վրայ, եւ պէտք էր աւելցնել զոր ի Հոռոմոց հնար էր ընդունիլ, այսինքն է պաշտպանութիւն եւ օգնութիւն (ԼԱՍ. 88): Պետրոս կրնար ասոնք միացնելով զօրաւոր ոյժ մը կազմել, եւ ոչ թէ Անին վաճառելով, Յովհաննէս Սմբատի անձնական օգտին ծառայել, իրեն անձնական շահուն տեսակէտն ալ գգուելով, քանզի յոյժ սիրող գանձուց էր, եւ այս ալ հրապարակի վրայ գիտցուած էր, եւ բազումք վասն այնր եպերէին զնա (ԼԱՍ. 72): Պետրոսի զիջողութիւնը պիտի չմեղադրէինք եթէ գոնէ բան մը վրայ տալու նախաձեռնութիւնը ունեցած չըլլար, դժբախտաբար անողոք է եղելութեանց դատաստանը:

862. ՊԵՏՐՈՍԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Պետրոսի ուսումնական արժանիքին յայտնի նշաններն են Մագիստրոսի նամակները, թէ բացայայտ տուած վկայութիւններովը, եւ թէ անոր վրայ ենթադրած հմտութիւններովը: Վասնզի Հելլենացի իմաստասէրներէն եւ Հայ քերթողներէն յառաջ բերած ակնարկները` դիմացինին ուսումնական կարողութիւնը կ՚ենթադրեն: Աւելի ստոյգ վկայութիւն պիտի ունենայինք, եթէ Պետրոսի գրած նամակները ունենայինք, որոնք երեւան եկած չեն: Պետրոսի ճառեր ալ գրած ըլլալը յիշուած է, բայց մեզի հասած չեն, եւ իբր իր գրական արդիւնքները կը մնան միայն Ննջեցելոց եւ Մարտիրոսաց շարականները, եւ Մանկունք կոչուած զանազան սուրբերու պատուոյն գրուած մէկ մէկ պատկեր շարականները: Սակայն հնար չէ այդ շարականներուն ամբողջութիւնը, ինչպէս որ այսօր կը տեսնուին, Պետրոսի վերագրել: Նախ որ զանազան կտորներու սկզբնատառեր Սարգիս կամ Յակոբ անուններ կը կազմեն, եւ տարբեր հեղինակներ կը մատնանշեն: Ասկէ զատ այնչափ իրարմէ տարբեր են յիշեալ շարականներուն ոճերն ու լեզուն, որ հնար չէ ամէնքը մէկանց մէկ հեղինակի գործ սեպել: Ուստի մենք պիտի ըսենք, թէ Պետրոս այդ շարականներուն հաւաքողը, ընտրողը եւ կարգադրողը եղած է, իրմէ ալ կտորներ աւելցնելով, ինչ որ շարականներու ընտրողութեան երրորդ անգամը եղած կ՚ըլլայ, Ներսէս Շինողի 482), եւ Սահակ Ձորոփորեցիի 534) ըրածներէն ետքը: Իսկ այս գործը յարմարագոյն է իր կաթողիկոսութեան առաջին տարիներու մէջ կատարուած ընդունիլ: Պետրոսի վրայ ըսելիքնիս փակելու համար, պէտք է համարձակ կերպով գովաբանենք նորա հաստատամտութիւնը, ազգային եկեղեցւոյն դաւանութիւնը ամրապէս պաշտպանելուն, եւ Հայ եկեղեցւոյ պատիւը օտարներու առջեւ բարձր պահելուն համար: Այնչափ առջեւ գացած ըլլալով յունասիրութեան մէջ, եւ այնչափ յաճախ Յունաց հետ շփման մէջ գտնուելով, եւ զինքն յայտնապէս մեղադրող պատմագիր մըն ալ ունեցած ըլլալով, երբեք նշանախեց մըն ալ չենք գտներ, որ Պետրոսը իր դաւանութեան մէջ տկարացած կամ քաղկեդոնիկութեան հակամիտած ըսէ: Ընդ հակառակն ամենուն վկայելը, թէ Պետրոսի ձեռքով բարձրացաւ եղջիւր հաւատոյս մերոյ (ԼԱՍ. 19), թէ յոյժ գովեցաւ հաւատն Հայոց (ՎԱՐ. 93), թէ Յոյներ ակամայ գովէին զհաւատս Հայոյն (ԿԻՐ. 54), կը հաստատէ թէ Պետրոս մինչեւ վերջ բարձր պահած է ազգային եկեղեցւոյն դաւանութիւնը, եւ այս ոչ միայն երբ Յոյներ զինքը կը շոյէին ու կը գգուէին Անիի տիրանալու համար, այլեւ երբ Պետրոս Յոյներուն կասկածելի դառնալով` Բիւզանդիոնի մէջ պատուաւոր արգելականութեան ներքեւ կը գտնուէր: Պատմութիւնը մեզի լոյս չի տար ճշդելու թէ Յոյներու կողմէ հետապնդումներ չեղա՞ն արդեօք Պետրոսը իրենց դաւանութեան հրաւիրելու: Վասիլ կայսեր ընթացքը Հայոց նկատմամբ համակիր էր, մինչեւ որ մկրտեցաւ ի Հայոց զրոյցն ալ եղած է (ԿԻՐ. 50): Սակայն Մոնոմախոսի համար դժուար է նոյն վկայութիւնը տալ: Իսկ Միքայէլ Կերուլարիոս, որ 1045-էն 1058 Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական աթոռը գրաւեց, Հռոմի հետ մաքառումներու զբաղած, գուցէ օգտակար չսեպեց Հայոց հետ նոր պայքար բանալ, մանաւանդ երբ Յոյներ Հայերը նուաճելու ետեւէ էին, կամ նոր նուաճած ըլլալով խոհեմութեամբ վարուելու ստիպուած էին: Այսպէս թէ այնպէս Պետրոսի Հայ եկեղեցւոյն համար նախանձայոյզ հաւատարմութիւնը, լուսաւոր կերպով կը տեսնուի իր յունամոլ քաղաքականութեան հետ: