Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Դ. ՈՎԱՅԵՑԻ

637. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Դաւիթի կը յաջորդէ Յովհաննէս, համանուններուն չորրորդը, մեր ընդունած կարգով 559), Կոտայք գաւառի Ովայք գիւղէն, որուն նախընթացը մութ կը մնայ: Կ՚երեւի թէ Յովհաննէսի ընտրութեան ատեն անհամաձայնութիւն մը տեղի ունեցած է նախարարներուն մէջ: Վասնզի Բագարատ Բագրատունի` Սասունի իշխանի համար գրուած է, թէ զչարեալ լինէր, զի առանց կամաց նորա եղեւ հայրապետին հաստատութիւն (ՅՈՎ. 148), սակայն չը կրցած իր կամքը յառաջ տանիլ, եւ յաղթած է Սմբատ սպարապետի եւ Գրիգոր Սուփանի կողմը, եւ Յովհաննէս աթոռ բարձրացած: Յովհաննէսի ընտրութեան համար ընդունուած է 833 թուականը, իսկ կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը եղած է ամս քսան եւ երկու (ՅՈՎ. 161), որ համաձայնութեամբ կրկնուած է ամէն ցուցակագիրներէ, որով տեւողութեան վերջը պէտք է դնել 855-ին: Դաւիթի մահուան եւ Յովհաննէսի կաթողիկոսութեան տարին, Մէմունի մահուան եւ Մոթասսէմի ամիրապետութեան տարին ալ է: Նոր ամիրապետին բուն անունը Մուհամմէտ եղած է (ՎԵՐ. 408) եւ յետոյ անունը փոխած եւ ամիրապետներուն մէջ առաջին ըլլալով աստուածային անուն մը առնելով` Մոթասսէմ-Պիլլահ կոչուած է(ՎԵՐ. 443): Սակայն մեր պատմագիրներ Ջափր (ՅՈՎ. 149), Ջաֆար (ՕՐԲ. Ա. 213), Աբուսահակ (ՎԱՐ. 79), Աբուսահակ Մահմէտ (ԿԻՐ. 43), եւ Աբուսահլ Մահմէտ (ՍԱՄ. 92) տարբեր անուններով կը կոչեն զայն: Յաջորդին մէջ ալ այդ անուններուն տարբերութիւնը ստէպ պիտի տեսնուի մերոնց մօտ, սխալ տեղեկութեանց կամ անձերու շփոթութեանց պատճառով, որովհետեւ այդ միջոցին ամիրապետներ ալ շատ շուտ իրարու կը յաջորդէին: Մէմունի յաջորդը Մաթասսէմ 9 տարի պաշտօնավարեց, եւ 842-ին իրեն յաջորդեց որդին Ապու-Ճաֆէր-Հարուն-էլ-Վաթըք-Պիլլահ (ՎԵՐ. 444), եւ ասոր ալ 847-ին յաջորդեց եղբայրը Միւթէվէքքիլ-Պիլլահ (ՎԵՐ. 445), որ մինչեւ 861 պաշտօնավարեց: Այս երեքը եղան Յովհաննէսի ժամանակակից ամիրապետներ, որոնց մէջ նշանաւոր եղաւ իր անգթութեամբ եւ զեղխութեամբը Վաթըք-Պիլլահ ամիրան, եւ անոր Ճաֆէր անունը կ՚երեւի թէ աւելի ծանօթ եւ աւելի գործածուն եղած է Հայոց մէջ, եւ երեք ամիրաներ միեւնոյն անունի ներքեւ յիշուած են: Անեցին երեքը կը տարբերէ, եւ Աբուսահլի 2, Ահարոնի 4 եւ Ջափրի 16 տարիներ կու տայ (ՍԱՄ. 92): Արծրունին ալ երեք անուններ կու տայ, եւ Սահակ 9, Ահարոն 5 եւ կէս, եւ Ջափր 17 տարի ամիրապետ եղած կ՚ըսէ (ԱՐԾ. 117), բայց այս հաշիւներն ալ ճիշդ չեն, եւ Ահարոն եւ Ջափր նոյն անձի անուններն են, որ 16 տարի ալ իշխանութիւն վարած չէ: Բիւզանդիոյ կայսրներուն մանրամասնութեանց մտնելու պէտք չենք զգար, որովհետեւ Հայաստան անոնց հետ յարաբերութիւններ տեղի չունեցաւ այդ միջոցին: Միայն իբր տեղեկութիւն յիշենք, որ Նիկեփորոս կայսր Վարդան Հայկազնի վրայ գործած անգթութենէ ետքը 631), շատերուն հետ ալ նմանօրինակ խստութիւններ գործածեց: Արշաւիր Հայկազն պատրիկ գանձապետը, որ Ստաւրակիոս ալ կոչուած էր, եւ անոր փեսան Լեւոն պատրիկը, Վարդ Արծրունիի որդին, գանակոծ ընելէ եւ մազերը զերծելէ ետքը վանքերու մէջ փակեց: Սակայն Միքայէլ Ա. Ռանգաբէ 811-ին Նիկեփորոսի յաջորդելով երկուքն ալ ազատեց, սակայն ինքը ապիկար դատուելուն, դժգոհութեանց առջեւ քաշուեցաւ, եւ Լեւոն Արծրունին կայսր հռչակուեցաւ 813-ին, Լեւոն Ե. Հայկազն անունով: Իր հրամանով Կոստանդնուպոլսոյ նոր ժողով մը գումարուեցաւ 815-ին, որ Նիկիոյ Երկրորդ ժողովին դէմ պատկերներու պաշտօնը հերքեց ու նզովեց, եւ Լեւոն ոյժ տուաւ այդ որոշման: Միքայէլ Բ. Թլուատ, 820-ին Լեւոնը սպաննեց եւ կայսր հռչակուեցաւ, Թովմասի ապստամբութեան ալ յաղթեց, եւ մինչեւ 829 իշխեց, եւ իրեն յաջորդեց Թէոփիլոս, եւ ասոր ալ 842-ին իր որդին Միքայէլ Գ. Արբշիռը, մօրը Թէոտորայի խնամակալութեամբ:

638. ԲԱԲԱՆԻ ԽԼՐՏՈՒՄՆԵՐԸ

Պարսից խլրտումները դադրած չէին, Ջահապի եւ Սեւադայի շարժումներուն բուն գլուխն էր, Բաբ կամ Բաբիկ կամ Բաբան անուն մէկ մը, որ կրօնական ձեւեր ալ խառնած էր իր շարժումին, եւ նոր վարդապետութիւններ ալ կ՚աւանդէր, եւ երեւի թէ հին մազդեզական կէտեր էին իսլամութեան վրայ պատուաստուած: Մոթասսէմի օրով աւելի սաստկացան Բաբանի արշաւանքները, որ անխտիր Պարսկաստանի եւ Հայաստանի մէջ կը տարածէր իր սարսափն ու կոտորածները, Արաբական պետութիւնը այն կողմերէն հեռացնելու միտքով: Բաբան մը կը յիշուի, որ Վասակ Սիւնիի դուստրը իրեն կին առած, եւ այս կերպով մաս մըն ալ երկիր գրաւած էր, բայց վերջէն այն կողմեր անհնազանդ եղած էին հրամանի եւ օրինաց Բաբանայ: Բաբան նորէն յարձակելով սաստիկ եւ անողորմ կոտորածի մատնած էր երկիրը (ՕՐԲ. Ա. 202), եւ միւս տարին ալ Գեղարքունի գաւառը մտած, Մաքենոցաց մեծ վանքը կործանած, եւ 15, 000 հոգի ջարդած էր (ՕՐԲ. Ա. 203): Կը յիշուի եւս Աբդլհերդ ոմն, միեւնոյն պարսիկ արշաւանքին ճիւղերէն, որուն դէմ ելած է Բաբգէն Սիւնի եւ ասպատակը ցրուած (ՎԱՐ. 80): Մենք չենք կարծեր ամէն յարձակմանց մէջ Բաբանը տեսնել, այլ անոր անունով գործող զօրավարներ: Մոթասսէմ ամիրապետ պէտք զգաց վերջնապէս նուաճել Բաբանի ապստամբութիւնը, որ մինչեւ իսկ Պաղտատի վրայ սպառնալ կը յանդգնէր, եւ լիազօր հրամանատարութեամբ Հայաստան ղրկեց Աֆշին կամ Ափշին ոստիկանը, բնիկ անունով Հայտար-պինի-Քաուս, ծագմամբ Թուրքաստանէն: Քանի մը տարիներ տեւած են Աֆշինի եւ Բաբանի մղած պատերազմները, ճակատամարտներէն խուսափելով, եւ թշնամին նեղի դնելով եւ պաշարելով` զայն ձեռք ձգելու համար (ՎԵՐ. 440): Աֆշինի գործակից էին Սմբատ սպարապետ եւ որդիները, որոնցմէ Սահլ Բագրատունի կը յաջողի ձերբակալել Բաբանը եւ Աֆշինի կը յանձնէ (ՎԱՐ. 79): Օտար պատմագիրներ ալ կը ճանչնան Բաբանը ձերբակալող Սահալ-պինի-Սմբատ զօրավարին անունը (ՎԵՐ. 440), եւ 837-ին կը դնեն եղելութիւնը: Սահլի հազարիցս հազար կշիռ արծաթոյ եւ այլեւս հարիւր հազար պարգեւ կը տրուի (ՎԱՐ. 79), իսկ Բաբան իր եղբօրը եւ իրեններէն 3, 300 գերիներու հետ Պաղտատ կը տարուի, եւ ձաղանքի ենթարկուելէ ետքը, ծայրակոտոր եւ փայտէ կախուած կը սպաննուի (ՎԵՐ. 440):

639. ՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

Մոթասսէմ ամիրապետ պէտք զգացած էր Յունաց հետ ալ պատերազմները նորոգել, որովհետեւ Թէոփիլոս կայսր առիթ գտած էր Արաբացւոց դէմ յարձակումներ ընել եւ յաջողիլ, եւ նոյնիսկ Բաբանի ալ օգնութիւններ մատուցած էր, մինչեւ Ասորիք յառաջացած էր, Սամոսատն առած, եւ Սոզոպետրիա կոչուած աւանն ալ գրաւած ու կործանած, որ Մոթասսէմի ծննդավայրն էր եղած (ԼՊԱ. 505), եւ զոր Անեցին` Զուպատա կը կոչէ (ՍԱՄ. 93): Թէոփիլոսի յաջողութեանց վարիչներն էին Մանուէլ Մամիկոնեան, եւ Թէոփոբոս մը, նոյնպէս արեւելեան գաւառներէն: Բայց կայսերական արքունեաց սովորական քսութիւններ յաջողեցան Մանուէլը կասկածելի ընել Թէոփիլոսի աչքին, եւ Մանուէլ պէտք զգաց վտանգէն ազատելու համար Արաբացւոց կողմն անցնիլ, եւ լաւ ծառայութիւններ ալ մատոյց ամիրապետութեան: Բայց Թէոփիլոս գաղտնի պատգամաւորութիւններով յաջողեցաւ նորէն Մանուէլի սիրտը շահիլ, որ յանձն առաւ ետ դառնալ, եւ պատճառանքով մը մինչեւ յունական սահմանագլուխը գալով, հրաժեշտ առաւ ամիրապետին Վաթրք-Պիլլահ որդիէն, որուն կ՚ընկերանար, եւ նորէն կայսերական ծառայութեան անցաւ, եւ դարձեալ կարեւոր ծառայութիւններ ընծայեց եւրոպական գաւառներու մէջ: Իսկ Մոթասսէմ Աֆշինի եւ ուրիշ զօրավարներու առաջնորդութեամբ յաջողեցաւ մեծ յաղթութիւններ տանիլ Փոքր Ասիոյ մէջ, եւ Յոյները յետս մղել: Մանուէլ ծերացած խաղաղութեամբ վախճանեցաւ Միքայէլ Գ. օրով: Այդ յիշատակութիւնները յառաջ բերինք ժամանակին կացութեան յեղյեղուկ վիճակը, եւ Հայ նախարարներուն անհաստատ դրութիւնը ցուցունելու համար: Ձեռներէց եռանդով եւ ժիրաժիր քաջութեամբ վառուած, չէին գիտեր թէ ո՞ր ուղղութեամբ պիտի կարենային իրենց երկրին եւ ազգին օգտակար ըլլալ, եւ տարուբերեալ կարծիքներու ազդեցութեան ներքեւ, իրենք իրենց եւ իրարու ալ հակառակ ձեռնարկներու կը հետեւէին:

640. ՅՈՎՀԱՆՆէՍԻ ԶՐՊԱՐՏՈՒԻԼԸ

Յովհաննէս կաթողիկոսի գործունէութեան նշանը չունինք այդ ամէն եղելութեանց մէջ, որք կը գրաւեն նորա կաթողիկոսութեան առաջին ութը տարիները: Արծրունին կը ներկայացնէ զայն իբր եկեղեցական եւ բարոյական բարեկարգութեանց նախանձայոյզ հայրապետ մը, որ կ՚աշխատէր որպէսզի վկայեսցեն ըստ անուան քրիստոնէութեանն եւ գործքն (ԱՐԾ. 127), որով ոչ ամենուն հաճելի կ՚ըլլար իր խստապահանջութիւնը: Բագարատ Բագրատունի Սասունի իշխանը, որ համաձայն չէր եղած Յովհաննէսի ընտրութեան, նոր դիրքի տէր եղած էր, զի հրամանատար եւ իշխան իշխանաց Հայոց անունը կը տրուի անոր (ՅՈՎ. 147): Այդ կոչումը ոմանք ոստիկանի պաշտօնին նոյնանշան կարծելով, Բագարատի անունը ոստիկաններու շարքին անցուցած են, իբր Հօլի յաջորդ (ՉԱՄ. Բ. 441), սակայն դժուարին է այդ տեսակ պաշտօն մը վերագրել Բագարատի: Ուրիշ տեղ միայն իշխան Տաւրոս լերին ըսուած է (ՎԱՐ. 80), կամ պարզապէս իշխան Հայոց (ՕՐԲ. Ա. 212), կամ թէ ունէր յայնժամ զգլխաւորութիւն բարձակցութեան իշխանաց Հայոց (ԱՐԾ. 199): Արդէն յիշած ենք թէ Հայաստանի մէջ Արաբացի ոստիկանէն զատ Հայ պատրիկ մը եւ Հայ սպարապետ մը եւս կը գտնուէին իբր ոստիկանին օգնական, եւ երբեմն ալ այս երկու պաշտօններ մէկ անձի վրայ կը միանային, ուստի Բագարատի պաշտօնը պատրիկութիւն եղած կրնար ըլլալ, քանի որ սպարապետութիւնը Սմբատի վրայ էր: Յայտնի չէ թէ ինչ արժանիքով Բագարատ այդ պաշտօնին հասած էր, կամ թէ իրօք այդ պաշտօնը ունէ՞ր, միայն թէ ազդեցութիւն գործածելու առիթ գտաւ, եւ անկէ օգտուելով ուզեց Յովհաննէսի դէմ հակառակութիւնը գլուխ հանել, քանի որ խնդրէր ժամ դիպող զայլ փոխանակ նորա կացուցանել (ՅՈՎ. 149): Այդ նպատակին ծառայեցին քիլք ոմանք չարաբանք, ի նոյնինքն յընտանեաց տան կաթողիկոսարանին, որոնք կաթողիկոսին վրայ ինչ ինչ զրպարտութիւններ սկսան խօսիլ, եւ Բագարատին առջեւ ելնելով իրենց ամբաստանութիւնը վկայեցին, եւ Բագարատ մտադիւր ընդունեցաւ անոնց քսութիւնը, եթէ ինքն ալ չէր անոնք գրգռողը: Եւ գրեց հրովարտակ առ ամենեսեան ի բաց կալ յընդունելոյ զհօտապետն, միշտ առաջին նպատակին հետեւելով կացուցանել հայրապետ ըստ իւրումն ձեռներիցութեան (ՅՈՎ. 148): Շատ յստակ չէ գրուած թէ ինչ կէտի վրայ էր Յովհաննէսի դէմ եղած զրպարտութիւնը: Պատմաբանը բանս ապիրատս բամբասանաց կ՚ըսէ: Սակայն ամբաստանողներուն կաթողիկոսարանին մէջէն ըլլալը, եւ Շուշանի ծերերուն եւ Նարկեսոս Երուսաղէմացին զրպարտողներուն օրինակը (ՅՈՎ. 147), եւ Յովհաննէսին` այր սուրբ եւ պարկեշտ նկարագիրին շեշտուիլը (ՎԱՐ. 80), բարոյից խնդիր եղած ըլլալը կը ցուցնեն: Միւս կողմէն քանի որ Բագարատ ուրիշ մը աթոռ բարձրացնելու դիտումն ունէր, կաթողիկոսութեան ձգտող եպիսկոպոսի եւ համախոհներու գործակցութիւնն ալ պէտք էր եղած ըլլար: Բագարատի այդ յանդուգն ձեռներէցութեան հանդէպ, Յովհաննէս տեղի տալու ձեւով կաթողիկոսարանը կը թողու եւ կ՚երթայ առանձնանալ Այրից վանքը, որ է Այրեվանքի Ս. Գեղարդը, որ բանակետղ սրբոյն Սահակայ ալ կոչուած է (ՅՈՎ. 148), թերեւս Սահակի իր հայրապետութենէն առաջ, վաթսուն աշակերտներով այնտեղ միաբանական կեանք վարած ըլլալուն համար (ԱՐԱ. 346): Բայց Յովհաննէս իր անմեղութեան բողոքն ալ զանց չըրաւ, եւ հոգեւոր հատողական սրով պաշարմամբ կապեալ պատասխանեց Բագարատի հրովարտակին (ՅՈՎ. 148), որ է ըսել, եկեղեցական նզովքի վճիռը արձակեց նանրալեզու հայհոյիչ անձերուն դէմ:

641. ԺՈՂՈՎՈՎ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼԸ

Կաթողիկոսին քաշուիլը եւ բողոքաձեւ յայտարարութիւնը իրենց արձագանգը ունեցան, եւ ամէն կողմէ հերքումի եւ մերժումի ձայներ բարձրացան Բագարատ Բագրատունիին յանդգնութեան դէմ, որ ինչ ալ ըլլար չէր կրնար իւրովի այդպիսի քայլ մը առնել: Սմբատ Բագրատունի սպարապետ եւ Գրիգոր Սուփան Սիւնեաց տէր գլուխ կեցան ընդհանուր զայրոյթին, եւ երեւի թէ Յովհաննէս ալ յանձն չառաւ գործը ծածկելով` առանց օրինաւոր քննութեան փակել, որ պէտք եղաւ եպիսկոպոսաց եւ նախարարաց համագունդ ժողով գումարել, ուր ստուգագէտ իմացուածիւ հաստատուեցաւ իժաթոյն շրթանց չար հայհոյչացն ստութիւն եւ անկէ ետքը միայն Յովհաննէս դարձաւ յաթոռն սրբութեան, որով եւ սուրբ եկեղեցին դարձեալ նորոգապէս պայծառանայր (ՅՈՎ. 148): Նորերէն ոմանք այդ ժողովը Երնջակի մէջ գումարուած ըսին (ՉԱՄ. Բ. 443), սակայն մենք հիներուն մէջ նշանակուած չգտանք: Այդ եղելութենէն մեր քաղելիք հետեւանքն է, թէ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնք համարձակ իրաւունք կու տան իրեն, իր կաթողիկոսներուն ալ դատը տեսնել, եւ արդար վճիռն արձակել, եւ թէ ոստիկաններու բռնաւորական իշխանութիւնն ալ չէ կրցած արգելք դնել այդ օրինական գործողութեան: Բագարատ հարկաւ հաճութեամբ չտեսաւ իր ձեռնարկին պարապի ելլելը, եւ իր հրովարտակին ազգային ժողովով մերժուիլը, եւ թերեւս ալ նոր ձեռնարկներ կը մտածէր իր նպատակը առջեւ տանելու, եւ աւելի զօրաւոր զրպարտութեամբ կաթողիկոսին եւ անոր պաշտպաններուն դէմ ելլելու: Բայց նոյն միջոցին Յովհաննէսի դէմ սուտ վկայութիւն տուողներէն մէկուն քարաժայռէ մը գահավիժելով ջախջախուիլը, երկրորդին բարձր տանիքէ մը գիշերայն իյնալով մեռնիլը, երրորդի մըն ալ յորձանուտ գետի մը մէջ ընկղմիլը, ամենուն վրայ ահուդող ազդեցին, Բագարատ ինքն ալ սարսափելով ետ կեցաւ իր խորհուրդէն, եւ Յովհաննէս պատուով ու փառքով անցուց իր հայրապետութեան մնացորդը: Որոշ նշանակուած չէ թէ ինչչափ տեւեց Յովհաննէսի Այրեվանքի մէջ առանձնացած մնալը, սակայն գործին տրուած կարեւորութենէն կը հետեւի, թէ ամենայն ինչ միեւնոյն 841 տարւոյն մէջ լրացած է, այսինքն է իբրեւ անցին ամք ութ յետ սկզբան ձեռնադրութեան նորա (ՅՈՎ. 147):

642. ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏՐԻԿ

Արաբական տիրապետութեան ձեւը կ՚երեւի թէ հետզհետէ փոփոխելու կամ թուլնալու երես կը բռնէր, քանի որ նոյն իսկ Պաղտատի մէջ ամիրապետութեան ազդեցութիւնը կը նուազէր ներքին երկպառակութեանց երեսէն: Մոթասսէմ իր բնակութիւնն ալ Պաղտատին մէջէն հանելով, 12 փարսախ հեռու Սամարա ըսուած տեղը կը հաստատէր (ՎԵՐ. 439), ուսկից յառաջ եկած է մեր պատմագիրներուն Պաղտատն ու Սամարան իբր նոյնանշան գործածելը: Զանազան գաւառներ իբրեւ աւատական իշխանութիւններ, ամիրայազուններու եւ զօրավարներու ազատ մատակարարութեան կը յանձնուէին, միայն հարկի մը կապով կեդրոնին հետ միացած մնալով: Մեծ բաժիններու տիրապետողներն ալ մասնաւոր գաւառները երկրորդականներու կը յանձնէին նոյնպէս լոկ վճարի պայմանով, եւ ոստիկան ըսուածներ իբրեւ այցելու հաւաքիչներ հարկերու գանձումէն զատ բանի չէին խառնուեր: Ասկէ յառաջ եկած է Հայաստանի մէջ ալ զանազան նախարարներուն մէյմէկ կողմ իբրեւ աւատապետ տիրապետելը, որ հետզհետէ կանոնաւոր ձեւ ստանալով մասնաւոր թագաւորութիւններ կազմելու ճամբայ բացաւ: Այդ դիտողութիւննիս կ՚արդարանայ ուսումնասիրելով մանաւանդ Արծրունիին պատմութեան հոգին, եւ նկատի առնելով ոստիկաններու յաջորդութեան ընդհատ եւ անկանոն շարքը: Սոյն այս միջոցին, որուն վրայ կը խօսինք, կը տեսնենք Բագարատ Բագրատունին` Սասնոյ եւ Տարոնոյ տէր, Աշոտ Արծրունին` Վասպուրականի տէր, Գրիգոր Սուփանը եւ Բաբգէն Սիւնին` Սիւնեաց երկու բաժիններուն տէր, եւ Սմբատ Աբլաբասն ալ Շիրակի տիրացած, որոնք իրենց կողմէ պատերազմներ ալ կը մղեն, եւ Արաբացի զօրավարներու ալ կը դիմադրեն, եւ այս կերպով կը հաստատեն աւատական դրութեան հետզհետէ զօրանալը: Վերջին անգամ յիշեցինք Աֆշինը, որ Հայաստան եկած էր իբրեւ հրամանատար եւ մեծ ոստիկան, եւ Բաբանի դէմ մեծ պատերազմը մղած 638): Աֆշին Հայաստանէ Փոքր-Ասիա անցաւ Յունաց դէմ պատերազմելու, եւ իրմէ ետքը իբր ոստիկան կամ Հայոց ամիրա յիշուած կը գտնենք Խալթիպ Եէզիտ մը, որ Վրաստան ալ կ՚երթայ, անշուշտ հիւսիսային արշաւանքներու պատճառով, եւ կը մեռնի Ջաւախք գաւառի Խոզարի գիւղը (ԱՍՈ. 108): Անկէ ետքը կը գտնենք Ապուսէթ ոստիկան անունը (ՅՈՎ. 149), որ պատմագիրներու շատերէն իբր մէկ անձ կը ներկայացուի, բայց Արծրունին երկու Ապուսէթներ կը զատէ, հայր ու որդի, եւ որովհետեւ ինքը կը յայտարարէ անգիրս մնացեալ յայլոց պարագաներ պատմել (ԱՐԾ. 117), եւ իր գրածներով շատ մը մթին կէտեր կը լուսաբանուին, մենք ալ պարտք կը զգանք անոր հետեւիլ:

643. ԱՊՈՒՍԷԹ ԵՒ ՏԵՂԱԿԱԼՆԵՐ

Ապուսէթ, կամ աւելի ուղիղ հնչմամբ Ապու-Սաիտ, ոստիկանին գալուստը բոլոր պատմիչներէն կը վերագրուի Ջափր ամիրապետին, որ է նոյն ինքն Վաթըք-Պիլլահ, եւ որ 847-ին մեռած ըլլալով, այդ թուականէն գոնէ երկու տարի առաջ, 845-ին պէտք է դնենք առաջին Ապուսէթին անուանումը: Ճաֆէր-Վաթըք-Պիլլահ շատ չապրեցաւ, եւ 847-ին իրեն յաջորդեց եղբայրը Միւթէվէքքիլ-Պիլլահ, եւ անոր օրովն է, որ կ՚իյնայ Հայոց 300 (ԱՐԾ. 117, ԱՍՈ. 108), այսինքն է 851 տարին, Հայաստանի անհնարին նեղութեանց թուականը, զորս մեր պատմագիրներ միեւնոյն Ջափրի կը վերագրեն, սակայն արտաքիններէն չի ստուգուիր որ Միւթէվէքքիլ ալ Ճաֆէր անուն ունեցած ըլլայ, եւ երեւի թէ ամիրապետին փոփոխուած ըլլալուն լուրը, որեւէ պատճառով Հայոց ծանօթ չէ եղեր: Միւս կողմէն նոյն արտաքին պատմութիւնը կը վկայէ, եւ Միւթէվէքքիլի եւ ոչ Ճաֆէր-Վաթըքի կը վերագրէ անգութ եւ մոլեռանդ բռնաւորութեան գործերը, որոնք տեղի ունեցան ամիրապետութեան ամէն կողմերը: Ապուսէթ հարկերու համար եկած ատեն հակառակութեան հանդիպեցաւ, գլխաւորապէս Վասպուրականի իշխան Աշոտ Արծրունիի եւ Տարոնի իշխան Բագարատ Բագրատունիի կողմէն, որոնք զինքը բռնադատեցին հարկին գումարն առնել եւ երթալ, եւ ուրիշ բանի չխառնուիլ, եւ իրօք ալ տան տանել նմա զհարկս եւ հասս արքունի, եւ դարձուցանեն զնա ընդ նոյն ուստի եկն (ԱՐԾ. 119): Ապուսէթ ետ դարձած ատեն` Ալայ-Ծովափի, հաւանաբար Ալի-Սահիպ ամիրայի մը կը յանձնարարէ Վասպուրականի կողմը (ԱՐԾ. 123), եւ Մուսա-պինի-Զօրահա ամիրայի մըն ալ Տարոնի կողմը (ԱՐԾ. 120), որպէսզի Աշոտն ու Բագարատը ստիպեն խոնարհիլ, եւ զինու զօրութեամբ ալ ընկճեն: Իսկ ինքն կը դառնայ Սամարա կամ Պաղտատ, ամիրապետէն նոր հրահանգներ եւ օգնութիւններ առնելով Հայաստան դառնալու: Ալայ-Ծովափի ամիրայ Աղբակի եւ Անձեւացեաց կողմէն Վասպուրական մտնելով, ասպատակ սփռէր, գերփէր, աւերէր, յափշտակէր, կապուտ կողոպուտ գործէր, զայր եւ զկին յափշտակէր (ԱՐԾ. 123), եւ Աշոտ Արծրունիի ազդարարութեանց ալ մտիկ չէր ըներ, թէ հարկէ զատ բանի չխառնուի եւ երկիրը չաւերէ: Այդ պատճառով հարկ կ՚ըլլար զէնքով հալածել ամիրան, եւ Աշոտ` Վահանն ու բոլոր Արծրունի իշխանները, Գուրգէն եւ Վահան Հաւնունիները, եւ Գուրգէն Ապուպէլէճը մէկտեղ առնելով Ալային վրայ կ՚երթար, եւ Արճուճք գիւղի մօտ վրան յարձակելով կը ցրուէր եւ կը ջարդէր, եւ ինքն Ալայ-Ծովափի ալ, որ Ովայ ալ գրուած է, մինչեւ Պաղտատ կը փախչէր, եղածին լուրը տանելու (ԱՐԾ. 124): Միւս կողմէն Մուսա-պինի-Զօրահա Տարոնի կողմը կը քալէր: Բագարատ կը պարտաւորուի իր ոյժերը հաւաքել, եւ ամէն կողմէն օգնութեան հրաւիրել, եւ հետզհետէ կը հասնին Թոռնիկ Բագրատունի, Շապուհ Ամատունի, Գրիգոր Գնունի, Արտաւազդ Ընտրունի, Սմբատ Ապահունի, Գրիգոր Քաջբերունի, Գազրիկ Ապուհարազ, Թէոդորոս Վարազխ, Խոսրով Վահեւունի, Խոսրով Ակէացի, Վարդան Գաբեղեան, Սմբատ Մարացեան, Պատրիկ Անձեւացի, Գորգ Հարմացի, Դաւիթ Գունդուզար, եւ այլք բազումք յազատ տանէ իւրաքանչիւր զօրօք: Բագարատ կը փութայ Աշոտ Արծրունիի ալ լուր ղրկել, որովհետեւ ստուար բանակով կու գար Մուսա: Պատերազմը խառնուեցաւ Տարոնի մէջ, եւ դիպող ժամին հասաւ Աշոտ` Ալայի դէմ յաղթութենէ ետքը, իր Արծրունի եւ Հանունի գունդերով, եւ կատարեալ եղաւ Հայոց յաղթութիւնը, որք Մուսայի բանակը մինչեւ Բաղէշ հալածեցին, Շահաստան քաղաքն ալ պաշարեցին, բայց խնայեցին ու չկոտորեցին` Աղձնեաց նախարարին տիկնոջ` Բագարատի քրոջ թախանձագին աղաչանաց վրայ (ԱՐԾ. 122): Օգնութեան հասնող Արծրունի իշխաններէն յանուանէ կը յիշուին 16 հոգի Աշոտի եւ Գուրգէնի եւ Գրիգորի ազգականներէն, որք են` Վասակ, Վահան, Մուշեղ, Ապուպլէճ, Գուրգէն, միւս Վասակ, Ապուջափր, միւս Մուշեղ, Ապումայեայ, միւս եւս Վասակ, միւս Վահան, Համազասպ, Վասակ Գրիգորեան, Ապումկդէմ, Մեհրուժան եւ Գրիգոր, իսկ Հաւնունիներէն կը յիշուին Վահան եւ Դաւիթ (ԱՐԾ. 121): Մուսա ալ փութաց գուժկաններ հասցնել Պաղտատ, եւ Հայոց խլրտումներուն դէմ պէտք եղած ոյժերը փութացնել յանձնարարեց (ԱՐԾ. 123):

644. ՀԱՅՈՑ ԽԼՐՏԻԼԸ

Ապուսէթի, Ալայի եւ Մուսայի հետզհետէ հասցուցած գոյժերը, գործունէութեան պարտաւորեցին Արաբացիները: Միւթէվէքքիլ-Պիլլահ նոր ամիրապետին նախաձեռնութեամբ, որ ազգականները գոհացնելու համար` երկրին զանազան կողմերը անոնց մէջ բաժնած էր փոխարքայական ձեւով: Ըստ այսմ Հայաստան վիճակած էր իր որդւոյն Մողասի, Ատրպատականն ու Իրանն ու Խորասանն ալ միւսին (ՎԵՐ. 446): Միւթէվէքքիլ կը նկարագրուի իբրեւ մոլեռանդ մը եւ քրիստոնեաներու եւ հրէաներու հալածող, որոնց վրայ ծանր եւ անարգական զրկողութիւններ հրամայած էր, կ՚արգիլէր ձի հեծնել, այլ միայն էշ ու ջորի եւ առանց ասպանդակի, կը հրամայէր տուներնուն վրայ շունի ու կապիկի նշան մը դնել զատուելու համար, բացարձակապէս կը հեռացնէր պետական պաշտօններէ, կը բռնադատէր իսլամներէ տարբեր ձեւով զգեստներ հագնիլ, եւ կը զրկէր դպրոցներ յաճախելէ (ՎԵՐ. 447): Այդ տրամադրութեանց ներքեւ կը կազմուէր Հայաստանի վրայ արշաւելու սահմանուած նոր բանակը, նոյնինքն Ապուսէթ ոստիկանի հրամանատարութեամբ, հրահանգ ունենալով ելանել ի վերայ աշխարհիս Հայոց, չարչարել զսոսա որպէս խորհեցանն: Բայց Ապուսէթ մեռաւ ի ճանապարհին` դեռ Ասորւոց կամ Միջագետաց կողմերը եղած ատենը, եւ լուրը Պաղտատ հասնելով, անոր պաշտօնը տրուեցաւ իր որդւոյն Եուսուֆ-պինի-Ապուսէթի (ԱՐԾ. 129), եւ անկէ առաջ եկած պիտի ըլլայ պատմագիրներուն, հայր ու որդի Ապուսէթները միացնելը, ինչպէս միացուցած ու շփոթած են ամիրապետներն ալ: Եուսուֆ Ապուսէթ առաջ Վասպուրականի կողմերը կու գայ Ատրպատականէն մտնելով, եւ Ադամակերտի մէջ կը բանակի, եւ Աշոտը տեսակցութեան կը հրաւիրէ, որ Մարդաստան գաւառի կողմը քաշուած էր: Աշոտ կը կասկածի, եւ իր մայրը Հռիփսիմէ տիկինը կը ղրկէ ընծաներով, որ Բագարատի քոյրն էր, եւ այս կերպով Ապուսէթ կը համոզուի առ այժմ չպնդել, եւ դէպի Տարոն կը յառաջէ: Խլաթ հասնելով Բագարատը կը հրաւիրէ, որ կասկածի չերթալով հրաւէրին կը պատասխանէ, բայց բոլոր իր հետեւորդներով շղթայի կը զարնուի, եւ ուղղակի Սամարա կը ղրկուի ամիրապետին տրամադրութեան: Իսկ ինքն Ապուսէթ կու գայ ձմերել ի Մուշ քաղաքի Տարոնոյ, եւ կը սկսի բոլոր Տուրուբերանի եւ Աղձնեաց կողմեր աւերել եւ աւարել, գերել եւ գերփել, երկրին բնակիչները վաճառակուր առնել ի կողմանս Ասորւոց եւ յամենայն սահմանս տէրութեանն Տաճկաց: Իսկ քովը պահածները սաստկասառոյց ձմերան դառնութեան մէջ խիստ գործերու կը ծառայեցնէ, որով մաս մըն ալ փախստեայ կը ցրուէր, եւ Ապուսէթ կը յաջողէր յաւեր դարձուցանել զբնաւ աշխարհն (ԱՐԾ. 131): Միայն Բագարատի բնիկ տանուտէրութեան` Սասունի գաւառին լեռնակողմերը ազատ կը մնան, ձմեռ ատեն այն տեղեր երթալու դժուարութեան համար: Երբոր գարուն կը բացուի, եւ Սասունցի լեռնականներ կը զգան որ կարգը իրենց պիտի գայ, Խոյթի մէջ կը գումարուին, եւ լերան կողմէն յանկարծ կը յարձակին Մուշ քաղաքի վրայ, որ անպատրաստ գտնուելով տեղի կու տայ: Սասունցիք գտնուած զինուորները կը կոտորեն, պատանդներ եւ գերիներ կ՚արձակեն, իսկ Ապուսէթ Բագարատի շինած Ս. Փրկիչ եկեղեցին կ՚ապաւինի իբրեւ ապահով տեղ, եւ գմբէթին մէջ կը պահուըտի, ուր զօղեալ սալարեալ սարսռալից դողմամբ զետեղեալ լինէր: Խոյթեցիներ կ՚իմանան, եկեղեցին կը պատեն, եւ իրենցմէ մէկը գմբէթին վրայ բարձրանալով, Եուսուֆ Ապուսէթը աշտէով կռնակէն կը զարնէ, եւ նիզակը թոքէն անցնելով անութին տակէն կը հանէ, եւ նոյն տեղ զայն կը մեռցնէ: Արծրունի պատմիչը կը յաւելու, Ես աչօք իմովք տեսի զայրն զայն` որ հարեալն էր զնա, եւ ի նմանէ ստուգեցի վասն նորա (ԱՐԴ. 133): Այս առթիւ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ալ կու տայ Սասունցիներուն կենցաղին եւ սովորութեանց վրայ (ԱՐԾ. 134):

645. ԲՈՒՂԱ ՏԱՐՈՆԻ ՎՐԱՅ

Ոստիկանին սպանութիւնը թեթեւ իրողութիւն մը չէր, իր արձագանգը հնչեց ամէն կողմ, եւ ամէն գաւառներէ խլրտումներ սկսան: Արտաքին պատմիչներն ալ գիտեն թէ Հայաստան ամբողջ ապստամբեցաւ եւ կուսակալը սպաննեց(ՎԵՐ. 447): Այդ եղելութեան թուականն է 851 տարին, զոր վերեւ յիշեցինք 643): Երբոր լուրը Պաղտատ հասաւ, Միւթէվէքքիլ ամիրապետ, արդէն քրիստոնեաները հալածելու տրամադիր, իրեններէն ամենէն կատաղի ամիրա մը ոստիկան անուանեց, ազգաւ Թուրք, անունը Բուղա, այսինքն է Ցուլ, որ իր բնաւորութեան համեմատ տրուած մականուն մը կ՚երեւայ, իսկ իսլամական անունը անծանօթ կը մնայ: Բուղայի ձեռքին տակ դրուած էր զօրաւոր բանակ մը, բազմաթիւ օգնական սպաներով, եւ հրահանգ տրուած էր, բոլոր նախարարները եւ իշխանները ձերբակալելով Պաղտատ ղրկել, զինուորական կամ ռամիկ` որ զէնք կրնայ բռնել` ամէնն ալ սուրէ անցընել, իսկ եթէ ի լաւագունից իսլամական օրէնքը ընդունողներ գտնուին` իրեն մօտ պահել եւ գործածել (ՅՈՎ. 151), եւ բոլոր Հայոց աշխարհը, սովով եւ սրով եւ գերութեամբ քանդել եւ կործանել (ԱՐԾ. 140): Բուղա իր արշաւանքը կը սկսի Տարոնի կողմէն, ուր տեղի ունեցած էր Եուսուֆ-պինի-Ապուսէթի սպանութիւնը, եւ ուր կը հասնէր 852-ին գարնան բացուելուն: Կը ձերբակալէր Բագարատի երկու որդիները, Աշոտ եւ Դաւիթ Բագրատունիները (ՅՈՎ. 151), եւ յատուկ գունդեր կը ղրկէր Սասունի վրայ, եւ ջարդել կու տար զԽութացիսն առհասարակ, որ ամրացած էին Վաշդինակ լերան վրայ (ԱՍՈ. 109), եւ ընդհանուր կերպով Տարոնը կ՚այրէր եւ կը քանդէր: Զենք բռնողներէն մէկ մասը տոռամբ քարշեալ իրեն կը բերէին, եւ ամէնն ալ հրամայէր սրով վատնել, միայն զանձնագեղս եւ զերեսաւորս եւ զգունեանս կը պահէր ուրացութեան յորդորելու համար: Իսկ Բագարատի երկու որդիները հանդերձ հարազատութեամբն իւրեանց, այսինքն իրենց ազգականներով, ամիրապետին կը ղրկէր, եւ Տարոնը նուաճելով կ՚անցնէր Վասպուրական (ՅՈՎ. 152):

646. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ՄԷՋ

Տարոնէ Խլաթ գալով, գունդերէն մաս մը Ժիրակ զօրապետի ձեռքին տակ, Վանայ լիճին հարաւէն կը ղրկէ Ռշտունեաց կողմը, իսկ ինքը մնացած գունդերով հիւսիսէն կը քալէ Ապահունեաց ճամբով: Ժիրակ Մոկաց գաւառէն կ՚անցնի հանդարտօրէն, վասնզի գաւառին իշխանը Սմբատ Բագրատունի, թերեւս նոյնինքն Տարոնոյ պատերազմին Սմբատ Մարացեան կամ Մոկացեանը, հպատակութիւն կը յայտնէ, իսկ Ռշտունեաց գաւառին մէջ կոտորածները կ՚ընդարձակէ իբրեւ Աշոտ Արծրունիի իշխանութեան մաս: Առուանից եւ Ածանայ ձորերուն մէջ մեծ ջարդեր կը կատարուին, եւ կենդանի ձերբակալուած գերիներ Ռշտունեաց Նորագիւղ աւանի մէջ վիզերնէն չուաններով կապուած կը կոտորուին: Միայն ձորի մը կիրճին մէջ երկու եղբայրներ, անուննին անծանօթ, եւ Շապուհ Ռշտունի քահանայ, պարսատիկով եւ քարերով բաւական վնաս կը հասցնեն ասպատակողներուն: Գերիներուն մէջէն Ապուսահակ Վահեւունի, Մարդպետականի եպիսկոպոս Սահակի եղբայրը, բարձրաբերձ հասակով գեղեցկատեսիլ ալեւոր մը, ուրացութեան չհաւանելով կը գլխատուի, որուն պատմութիւնը Արծրունի պատմիչը լսած է Արտամէտի Սամուէլ քահանայէն, եւ ականատեսներէն ստուգած (ԱՐԾ. 145): Ժիրակ իր ճամբան առջեւ տանելով Տոսպ գաւառը կը մտնէ, Արտամէտի եկեղեցին կ՚այրէ, եւ կը միանայ Բուղայի, որ Հայաստան բնակող Տաճիկներու առաջնորդութեամբ եկած էր պաշարել Թոռնաւան գաւառի Նկան բերդը, ուր ամրացած էր Աշոտ Արծրունի, եւ իրեն հետ էին Մուշեղ Վահեւունի, Վահրամ Տրունի, Վահրամ թիկնապահ, Հասան սեպուհ, եւ ուրիշ իշխաններ: Բուղա պաշարումը սաստկացուց, մինչեւ իսկ ապակի ամաններու մէջ ծծումբ ու կրակ դնելով, պարսատիկով նետել կու տար, բերդը հրդեհելու միտքով, որուն դէմ պաշարուածները ինքզինքնին կը պաշտպանէին թրջուած թաղիքէ զգեստներ գործածելով (ԱՐԾ. 147): Երբոր պաշտպանութիւնը կը դժուարանար, պաշարեալներ գիւղ եւ ագարակ, հարկ եւ պատանդ տալով հաշտութիւն խնդրելու խօսքեր կ՚ընէին, բայց Մուշեղ Վահեւունի, Վահրամ Տրունի, եւ Վահրամ թիկնապահ կը կանխէին, եւ Բուղայի գաղտնապէս կ՚իմացնէին, թէ պատրաստ են Աշոտ Արծրունին յանձնել, իբր միակ պատասխանատու, եթէ իրենց ներուի իրենց իշխանութիւնը վայելել: Բուղա առաջարկին կը հաւանէր, եւ յիշեալ երեքը ուրիշներ ալ իրենց միացնելով, հաշտութիւն խնդրելու որոշման կը յանգէին, եւ նոյնինքն Աշոտը իբր բանագնաց կը ղրկէին, որ այս կերպով Բուղայի ձեռքը կ՚իյնար: Աշոտ ոչ անգիտակ, այլ ստիպեալ, դաւաճան գործողութեան զոհ կ՚երթայ: Բուղա Նկանը գրաւեց, եւ ամէնքն ալ իբրեւ գերի նկատեց, միայն մէկ մասը Մոկաց իշխան Սմբատին շնորհեց, իսկ գլխաւորները Սամարա ղրկեց ամիրապետին, որոնց մէջ էին Աշոտ Արծրունի եւ որդին Գրիգոր Դերենիկ, Վահան Արծրունի եւ որդին Գագիկ Ապումրուան, Մուշեղ Արծրունի եւ տիկինը Հրանոյշ: Գերիները ճամբուեցան Ատրպատականի վրայօք (ԱՐԾ. 155), վասն զի Գուրգէն Արծրունի Աշոտի եղբայրը բռնած էր ներքին ճամբան, եւ Ջլմար ու Սրինգ ու Ճախուկ բերդերուն մէջ ամրացած էր (ԱՐԾ. 151): Այսուհանդերձ խումբ մը Հայեր փորձեցին գերիները ազատել, եւ գերեվար գունդին վրայ յարձակեցան եւ մաս մըն ալ ազատեցին, բայց նոր հասնող գունդերը ընկճուեցան եւ մաս մըն ալ գերի իյնալով Բուղայի բերուեցան, որ իրենց ներելու համար իսլամութիւն առաջարկեց, սակայն մերժեցին, եւ թէպէտ տանջեաց զնոսա գանիւ, բայց անդրդուելի մնացին, եւ յօժարակամ յանձերնին առին հաւատոյ համար նահատակուիլ: Ասոնցմէ յանուանէ կը յիշուին միայն Գէորգ Ակէացի եւ Խոսրով Գաբեղեան (ԱՐԾ. 157), եւ անանուն պարսիկ իսլամ մըն ալ, որ քրիստոնէից արիութենէն ոգեւորեալ, անոնց հետ կը միանայ, եւ ինքզինքը քրիստոնեայ կը դաւանի, եւ գլխատմամբ կը նահատակուի (ԱՐԾ. 159): Յայսմաւուրքէն Յուլիս 1-ին նշանակուած Գէորգ Ակայեցին եւ Քրիստոնեայ երիտասարդը, եւ ուրիշ մարտիրոսները (ՅԱՍ. Բ. 2) միեւնոյն Ակէացին եւ նորադարձ պարսիկը եւ իրենց ընկերներն են անշուշտ: Այս միջոցին պէտք է դնել Յովհան Նախիջեւանցի երիտասարդին նահատակութիւնն ալ, որ առանձինն գրուած է Ապրիլ 23-ին (ՅԱՍ. Ա. 181): Նմանապէս եւ Շահապ Արծրունին, որ Պաղտատի մէջ նահատակուած է Յուլիս 22-ին (ՅԱՍ. Բ. 36):

647. ԱՂԲԱԿԻ ՄԷՋ

Բուղայ Տարոնը եւ Վասպուրականը նուաճելէ յետոյ կը քալէ դէպի Աղբակ, Գուրգէն Արծրունիի դէմ: Ամէն կողմէ փախստականներ, գլխաւորապէս Վասպուրականի գաւառներէն, հաւաքուած էին Գուրգէնի մօտ, որ բնակած էր Թու գիւղին լեռնակողմը: Բուղայի այն կողմ ղրկած գունդերուն կը հրամայէին Մուքատտէմ, Եուսուֆ, Ապուհէշամ, Համդոյ եւ Եուսուֆ-պինի-Ռահիմ (ԱՐԾ. 161): Գուրգէն, Բուղայի գունդերուն վերջնապէս դիմադրելու անհնարութեան առջեւ, մտածեց հաշտութիւն խօսիլ, եւ հնազանդութիւն եւ հարկ եւ հաս խոստանալով գործը վերջացնել, եւ այս նպատալով նոյնիսկ իր մայրը Հռիփսիմէ տիկինը, Բագարատ Բագրատունիի քոյրը, բանագնաց ղրկեց Բուղայի: Բուղայ հաւանութիւն յայտնեց, եւ խոստացաւ Աշոտի տեղ Վասպուրականի իշխան նստեցնել Գուրգէնը, եւ ամէն տեսակ վստահութիւններ յայտնեց, որպէսզի Գուրգէն իրեն տեսութեան գայ: Սակայն Արաբական գունդին շարժումները կասկածի տեղի տուին, Հայեր պաշտպանութեան պատրաստուեցան, եւ երկու կողմեր պատերազմի խառնուեցան: Հայեր նահատակութեան կը պատրաստուէին, աւետարանի ընթերցմունքներ ընելով, ժամերգութիւն կատարելով, եւ Մովսէսի եւ Երից Մանկանց օրհնութիւնները երգելով: Յաղթութիւնը Հայոց կողմը մնաց, վասնզի թշնամի գունդը պառակտեցաւ եւ ցրուելու պարտաւորուեցաւ (ԱՐԾ. 165): Պատերազմիկ գունդերուն առաջնորդող իշխաններուն մէջ յանուանէ կը յիշուին, Գուրգէն եւ Վասակ եւ Պերճ եւ Մուշեղ եւ Սահակ եւ Ապումըկդէմ եւ Աշոտ Արծրունիք, Վահան եւ Շապուհ եւ Ապուսէթ եւ Պատրիկ եւ Ապուսէլմ եւ Վարդան Գնունիք, Ապուսէլմ եւ Վահան Գազրիկեանք. Մուշեղ եւ Առիթ եւ Սահակ Ամատունիք. Մլեհ եւ Ռոստոմ եւ Վարազշապուհ Վարաժնունիք, Գէորգ եւ Յիսէ եւ Սահակ Ընտրունիք, Վասակ Ակէացի, Քաբարակ եւ Հրահատ Վահեւունիք, Պատրիկ, եւ Գէորգ եւ Դաւիթ եւ Հասան Անձեւացիք, Դաւիթ Գունդսաղար (ԱՐԾ. 164): Բուղայ այդ պարտութեան վրայ խորամանկութիւնը բռնութեան խառնելով, երբ մէկ կողմէն իր գունդը կը զօրացնէր, միւս կողմէն ընդհանուր ներում եւ խաղաղութիւն կը հռչակէր, եւ Համդոյ պարսիկ եւ Հէթմ թուրք իշխանները Գուրգէնի կը ղրկէր, եւ ամենածանր երդումներով Գուրգէնի ապահովութիւն եւ իշխանութիւն կը խոստանար, մինչեւ որ Գուրգէն համոզուելով հաւանեցաւ Բուղայի մօտ երթալ: Իրօք ալ ընդունելութիւնը լաւ եղաւ եւ պատիւները չափազանց: Բայց երեք օր ետքը Բուղայ Գուրգէնի ներկայացուց` իբր թէ ամիրապետին կողմէ իրեն ղրկուած թուղթ մը, որով Բուղայ կը յանդիմանուէր Հայոց կողմը անցած ըլլալուն համար, եւ սպառնալեօք կը հրամայուէր բոլոր Հայոց իշխանները կապեալ իրեն հասցնել: Բուղայ այդ գիրին զօրութեամբ ինքզինքը երդումէն ազատած սեպելով, անմիջապէս շղթայի զարնել կու տայ Գուրգէնը եւ բոլոր իշխանները, եւ ճամբայ կը հանէ դէպի Սամարա, թիւը յայտնի չէ, եւ ոչ ալ բոլորին անունները կը տրուին, սակայն մինչեւ հիմա յիշուած իշխաններուն գրեթէ բոլորն ալ գերութեան գացողներուն մէջ պէտք է սեպել: Անոնց մէջ էին նաեւ Յովհաննէս Արծրունեաց եպիսկոպոս, եւ Գրիգոր Արծրունի քահանայ: Իսկ կամաւորապէս հետեւողներուն գլուխը կը գտնուէր Արծրունեաց բամբիշը, Աշոտի եւ Գուրգէնի մայրը: Յայսմաւուրքը Մարտ 6 ամսաթիւի ներքեւ Սամարայի մէջ նահատակուած 42 վկաներ կը յիշէ (ՅԱՍ. Ա. 108), որոնք Բուղայէ ղրկուած խումբէն պէտք է ըլլան: Այս խարդախ գործառնութենէ ետքը, Բուղայ նոյն կողմերն ալ տարածեց Տարոնի եւ Վասպուրականի աւերածներն ու կոտորածները, եւ 852 տարւոյ ամառն ու աշունը այդ գործերով անցընելէ ետքը, ձմեռուան մօտենալուն սկսաւ քալել դէպի Դուին, անցած տեղերը իր խուժդուժ անգթութեան հետքերը թողլով:

648. ԴՈՒԻՆԻ ՄԷՋ

Դուինը Բուղայի ձմերոցը եղաւ, բայց չդադարեցաւ Արարատի մէջ ալ տարածել այն բռնութիւնները, զորս կատարած էր Տուրուբերանի ու Վասպուրականի մէջ, բայց ոչ պատերազմական` այլ իշխանական ձեւերով: Սմբատ Բագրատունի սպարապետ, Տարոնի եւ Տոսպի իշխաններուն բռնած ընթացքէն ահաբեկուած, պատուով դիմաւորեց Բուղան, Աշոտ որդին ընծաներով ընդառաջ ղրկեց, եւ անոր հետ բարեկամօրէն սկսաւ վարուիլ, եւ անոր հրամանով պատերազմներու ալ մասնակցիլ, այս ոճը օգտակարագոյն սեպելով սակս աշխարհին իւրոյ փրկութեան: Սմբատ կը խորհէր, որ եթէ Բուղայի զսնոտի միտս յինքն յանկուցեալ վստահէ, այնպէս որ զինքն խորհրդակից իւր բռնաւորն կացուցանէր, կրնար այս կերպով շատ չարիքներու առջեւն առնել: Սմբատի վերջէն խոստովանողական կատարումը` գրաւական մըն է, թէ ոչ մի չար խորհուրդ չէր առաջնորդեր Սմբատի, երբոր Բուղայի հետ մտերմական գործակցութիւն կը ցուցնէր: Իրաւ Բուղա Դուինի մէջ ալ ասպատակս հինից տարածեալ, զէնքի կարողներէն մի մասը կոտորել եւ մի մասը գերել կու տար, բայց գուցէ աւելի սաստիկ կ՚ըլլային այդ չարիքները, եթէ Սմբատի ընթացքը տարբեր եղած ըլլար (ՅՈՎ. 154): Բուղայ Դուին մնացած ատեն ձեռնարկեց Արարատի եւ Սիւնեաց կողմերն ալ տարածել իր գործունէութիւնը: Սիւնիք երկու տանուտէրութեանց բաժնուած էր, եւ երկու մասերուն կ՚իշխէին Բաբգէն Սիւնի եւ Գրիգոր Սուփան 642): Դժբախտաբար երկու ազգակից իշխաններու մէջ երկպառակութիւնը մինչեւ պատերազմելու էր հասած: Գրիգոր սպաննուած էր Բաբգէնի ձեռքով, եւ իրեն յաջորդած էր որդին Վասակ Գափուռ կամ Իշխանիկ մականուանեալ (ՕՐԲ. Ա. 213): Բուղայ Վասակի դէմ ալ զօրք ղրկեց, որ իր Բաղաց բերդին չվստահելով, ապաւինեցաւ Գարդմանի Կտրիճ իշխանին, սակայն նենգութեամբ կալանաւորուելով Բուղայի յանձնուեցաւ, որ անկէ ետքը Վասակի եղբայր Աշոտն ալ եւ անոնց մայրն ալ Դուինի մէջ բանտարկեց (ՕՐԲ. Ա. 251): Բայց Կտրիճն ալ չազատեցաւ, նա ալ ձերբակալուեցաւ, ինչպէս նաեւ Ատրներսէհ Խաչէնի իշխանը, եւ Ստեփանոս Կոն Ուտիի իշխանը, եւ Եսայի Աղուանից իշխանը (ՎԱՐ. 811): Միայն Վասակ եւ Աշոտ Սիւնիներ, կեղծ ուրացութեամբ ազատութիւն գտան եւ տեղերնին դարձան, եւ իրենց միտքը ծանուցին Սողոմոն Սիւնեաց եպիսկոպոսին, բայց հրապարակաւ չկրցան յայտնել, մինչեւ որ Բուղայ Հայաստանէն մեկնեցաւ (ՕՐԲ. Ա. 216): Վերջին եղելութիւններ, եւ Ուտիի եւ Աղուանից եւ Վրաց կողմը եղած գործողութիւններ, որոնք մինչեւ 855 կը հասնին, ընդարձակօրէն պատմուած են Արծրունիէ, սակայն մենք հարկ չենք տեսներ մանրամասնութեանց մտնել: Պատմաբան ինքն ալ զանց կ՚ընէ քաղել` Շապուհ Բագրատունիի պատմութեան յղելով, որ ըստ իւրումն ժամանակի ընտանի գոլով զրուցացն ամենայնի, գեղջուկ բանիւ բաւական տայ տեղեկութիւններ եւ պարագաներ (ՅՈՎ. 167): Շապուհի պատմութիւնը չունինք, այլ կ՚երեւի որ Արծրունիի տուած մանրամասնութիւնները, Շապուհէ են քաղուած (ԱՐԾ. 186-208):

649. ՆՈՐ ԱՏՈՄԵԱՆՔ

Քանիցս յիշեցինք թէ Բուղայ, ստացած հրահանգին համաձայն, գերիներուն ընտիրները առանձինն կը պահէր, եւ այս կերպով բարեհասակաչափ եւ յաջողաձեռնակա   եւ դիտակավայելուչ երիտասարդներէն հարիւր յիսուն եւ աւելի բանտարկուած կը մնային Դուինի մէջ, Հայաստանի զանազան գաւառներէն հաւաքուած: Բուղայ վերջապէս ասոնց հետ ալ ուզեց գործը վերջացնել, որովհետեւ երկարատեւ բանտարկութեամբ ալ թուլցած չէին այդ ժիրաժիր երիտասարդները, եւ զիրար կը քաջալերէին տեղի չտալ Բուղայի հրապուրանաց: Սակայն անգութ ոստիկանը այդ կողմէն ալ յաջողութիւն ունենալու գրգռութեամբ, եւ իր ամիրապետին խումբ մը ընտիր ուրացեալներ ներկայելու փափաքով, ամէն տեսակ խստութիւններ կը ծանրացնէր անոնց վրայ, ոչ միայն կապանօք եւ բանտիւ, այլեւ խոշտանգելով, եւ հարուածովք եւ անսուաղութեամբ զանոնք կը նեղէր, բայց անոնք քաջապէս համբերեալ կը տոկային նախատանաց եւ չարչարանաց եւ գելարանաց եւ հարուածոց, մինչ զի առհասարակ կեղեքեալ լինէին մարմինք նոցա (ՅՈՎ. 155): Երբոր այդ միջոցներն ալ իրեն նպատակին չծառայեցին, սկսաւ հետզհետէ մահուան վճիռը գործադրել, ոչ ի միում ժամու ամէնքը միանգամայն գլխատել տալով, այլ ի բազում աւուրս առ սակաւ սակաւ զնոսա վատնեալ (ՅՈՎ. 150), կարծելով ոմանց մահուամբը միւսները հպատակեցնել, այլ մէջերնէն եւ ոչ մին տկարացաւ, եւ ամէնքն ալ պսակեցան ի Քրիստոսէ: Վերջին կը մնային եօթը ընկերներ, որոնց մէջէն անունով ծանօթ են միայն Ատոմ Անձեւացի, Մլեհ Վարաժնունի, Գէորգ Բողկացի, եւ Վասակ թերեւս Ակէացի 647), իսկ միւս երեքը չեն յիշուած (ԱՐԾ. 192): Ասոնք ետեւ թողուած էին, որովհետեւ աւելի զուարթագին երեսօք էին եւ գեղեցկադիտակք եւ աջողակք ի զէն շարժել, բայց թերեւս աւելի ալ դեր ունեցած էին ընկերնին քաջալերելու մէջ: Ասոնց վրայ կրկին ծանրացուցին հրապոյրները եւ տանջանքները, ենթարկելով յամենայն չարչարանս եւ բախմունս կտտանաց, զոր ոչ լեզու բաւական լինի պատմել, եւ ոչ գրով բովանդակել: Վերջին անգամ խաչաձեւ պրկուած ու կախուած էին, երբ Ատոմ ընկերները կը քաջալերէր կախաղանին վրայէն, եւ կը յայտնէր թէ ուխտ ունէր Ս. Գէորգի տօնին նոխազի եւ գառինս մատաղ զենուլ (ԱՍՈ. 111), բայց որովհետեւ չէր կրցած ուխտը կատարել տօնին օրը, այժմ իր իսկ անձը փոխանակ նոխազի կը մատուցանէր Աստուծոյ (ՅՈՎ. 158): Երբոր այդ վերջին փորձն ալ չկրցաւ արիասիրտ երիտասարդները ընկճել, գլխատման վճիռը կը տրուէր, բայց այն ատեն ալ դահիճները կրկին եւ կրկին հարուածներ տալով տանջանքը կ՚երկարէին, մինչեւ որ Գէորգ Բողկացին, տեղէն ելնելով դահճին ձեռքէն սուրը առաւ, տեսնել թէ իրօ՞ք չիկտրեր: Բայց երբ սուրին լաւութիւնը տեսաւ, դահիճին վատութիւնը յանդիմանեց, եւ սուրին փորձը տալու համար, հարեալ զպարանոց դահիճին ի բաց առ զգլուխ նորա, եւ ինքն ալ գլուխը խոնարհեցուց, եւ ուրիշ դահիճ մը անմիջապէս կտրեց (ԱՐԾ. 192): Այդ վերջին եօթներուն կատարումը տեղի ունեցաւ Հայոց 302 թիւին մեհեկանի 25-ին, որ այն տարի պատասխանած է 853 Նոյեմբեր 17-ին, թէպէտեւ անշարժ տոմարի հաշուով վերածուած է Մարտ 3-ին: Ատոմ Անձեւացիին անունէն բոլոր Դուինի վկաները Ատոմեան կոչուած են եւ Նոր Ատոմեանք ըսուած, առաջիններէն զատելու համար 239): Յովհաննէս կաթողիկոս յատուկ տօն հրամայած է` այդ նահատակներուն համար մեհեկանի 25-ին, Ատոմի եւ ընկերներուն միացնելով այդ միջոցին նահատակուած ամենայն սրբոց յիշատակը, եւ Պատմաբան կը վկայէ թէ տարեւորական պատուով տօնէին զսոցա կատարումն (ՅՈՎ. 158), այլ այժմ այլեւս այս տօնը չունինք, եւ ցանկալի էր որ հայրենի եկեղեցւոյ փառաւոր յիշատակները չխափանուէին:

650. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՄԱՀԸ

Յովհաննէս կաթողիկոսի վախճանը հաշուեցինք 855-ին 637), որով 853 Նոյեմբերէն, Ատոմեանց նահատակութենէն ետքը հազիւ տարի ու կէս ապրած է ծերացեալ հայրապետը: Ովայեցիին երկարատեւ կաթողիկոսութիւնը տառապանաց եւ վշտաց անընդհատ շարայարութիւն եղաւ: Նա իբրեւ նախանձայոյզ հովուապետ առաջ բարոյական անկարգութեանց եւ նախարարներու նախանձընդդէմ թշնամութեանց ցաւերը կրեց, ետեւէն իրեն դէմ յարուցուած զրպարտութեան պատճառով վշտացաւ, վերջէն տիրապետող իշխանութեան կողմէ կատարուած անգթութեանց եւ կոտորածներու քստմնեցուցիչ տեսարաններուն ներքեւը ընկճուեցաւ: Իր հալածանքը պատուազգած համբերութեամբ կրած էր, իսկ այդ վերջին արկածներուն դիմաց անհնար էր դարման մը հոգալ, բայց գոնէ հաւատոյ ամրութեան հրահրիչ եղաւ: Իսկ ներքին հակառակութեանց եւ անկարգութեանց մասին ծանր են պատմիչներուն մեղադրանքները: Պատմաբանը յիշելէ ետքը Բագարատ Բագրատունիի նենգաւոր ձերբակալումը, զիրաւացի պատուհաս վրէժխնդրութեան ըստ արժանին յանձին իւրում կրէր, կ՚ըսէ (ՅՈՎ. 150), ակնարկելով կաթողիկոսին դէմ յարուցած զրպարտութեանը 640): Արծրունին ալ անտանելի նեղութիւնները պատմելու սկսած ատեն կը յիշէ, թէ Յովհաննէս կաթողիկոս դնէր ուխտս ընդ իշխանս Հայոց, զի վկայեսցեն ըստ անուան քրիստոնէութեան եւ գործքն, այլ նոքա ոչ մեկնեալ լինէին ի ժանտագործ պղծութենէն զազրալից սոդոմական ախտիցն, եւ գնային ոտնխեթի գայթ ի գայթս եւ աղտեղասէրս, մինչեւ զանբարկանալին Աստուած ի բարկութիւն ածել (ԱՐԾ. 127), որով կ՚ըսէ, եկին հասին ի վերայ մեր մեծամեծ չարիքս այսոքիկ, եւ անկանգնելի գլորումնս (ԱՐԾ. 128): Սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ եթէ անողորմ կոտորածները բռնաւոր ոստիկանին նախատինքը կը կազմեն, միւս կողմէ ուրացութեան գնով ազատուիլ չուզողներուն եւ հաւատոյ վրայ նահատակուած մարտիրոսներու բազմութիւնը, հաւատացեալ Հայոց առաքինական գովեստը եւ քրիստոնէական պսակը եղած են: Իրաւ գտնուեցան ոմանք ի նոցանէ, որոնք լքեալք լսածեալք դարձան յետս, ուրացեալք ի քրիստոնէական հաւատոցն (ՅՈՎ. 159), սակայն այդ չի նուազեր երբեք նահատակներուն արդիւնքը եւ ժողովուրդին արիասիրտ քրիստոնէութիւնը: Բուղայի անգթութիւնները չդադրեցան վերջին տարիներուն մէջ ալ, մինչ Յովհաննէս կաթողիկոս հակառակ բազմամեայ ծերութեան շրջէր ընդ վիճակեալ կողմանս, հարկաւ իր ներկայութեամբ եւ խրատներով ժողովուրդը ամրապնդելու, մինչեւ որ լցեալ զկէտ կենաց իւրոց, մահաբեր հիւանդութեամբ կ՚իյնար Գեղարքունի գաւառի Մաքենոցաց վանքը, եւ այնտեղ կը վախճանէր, եւ ի նմին ուխտին սրբոյ կը թաղուէր: Այսպէս կը փակուէին Ովայեցիին կաթողիկոսութեան վերջին տարիները, որք Հայաստանի ամենէն թշուառ օրերն եղան, մինչեւ յառակս լինել Բուղայի անգթութիւնը, որուն զոհուեցան հարիւր հազարներով կեանքեր, եւ աւեր դարձան բովանդակ գաւառներ:

651. ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Բուղայի ահռելի հալածանքին զոհերը մարտիրոսաց դասակարգութիւն մը կը կազմեն, որոնց ոչ ճիշդ թիւը կրնանք տալ, եւ ոչ յանուանէ շատեր նշանակել: Քանի մը անուններ տուինք արդէն, հետեւեալներն ալ կ՚աւելցնենք, զանազան յիշատակներէ քաղելով: Ընդարձակ կը պատմուի Մուկաթլ Վանանդեցիի վկայութիւնը, զոր ծանր կերպով կ՚ամբաստանէին, իբր թէ բազում վնասս ի գործս արքունի ըրած ըլլար: Բուղայ իբրեւ ազատութեան միջոց ուրացութիւնը առաջարկեց, այլ Մուկաթլ իր հաւատքին ճշմարտութիւնը ընդարձակօրէն բացատրելուն վրայ, լեզուն եւ ձեռուըները եւ ոտուըները կտրելէն, եւ աչուըները փորելէն ետք, ի ծայր փայտի կախեցին, եւ վերջապէս գլխատմամբ սպաննեցին Քշիթ լերան մօտ, Գոռոզու գիւղը (ԱՐԾ. 210): Ծանօթ նահատակներուն մէջ կը յիշուին եւս Սողոմոն Սեւորդի, եւ Կահայ Վերինաշխարհեցի, որոնք նոյնպէս ուրացութիւնը մերժելնուն համար, նախ ցիցերու կապուելէ եւ քուքերով տանջուելէ ետքը, Սողոմոնը փայտէ կախելով նետահար մեռցուցին եւ Կահայն գլխատեցին (ԱՐԾ. 211): Ասոնցմէ աւելի ալ նշանաւոր եղաւ Յովնան Խոյթեցի, որ խիստ բանտարկութեան մէջ կը մնար, իբրեւ Ապուսէթը սպաննողներուն գլխաւոր (ԱՐԾ. 212): Բայց գործածուած խստութիւնները չկրցան Յովնանը համոզել, որ ուրացութեամբ կեանքը շահի, եւ անոր ալ գլուխը կտրուեցաւ, եւ նահատակներուն հետ դասակցեցաւ (ԱՐԾ. 213): Տփղիսի քաղաքապետ Սահակ Իսմայէլացիի, կամ Իսմայէլի որդի Սահակ իշխանի մահն ալ իբր նահատակութիւն յառաջ կը բերուի (ԱՍՈ. 111), թէպէտ Արծրունիի պատմութեան մէջ նահատակութեան ձեւը տրուած չէ: Տփղիսի պաշարման ատեն կը սպաննուի Աշխէթ անուն, պերճ եւ անուանի եւ քաջամարտիկ մարդ մը, Բուղայի յոյժ սիրելին, եւ անոր վրէժը լուծելու համար կը սպաննուի Սահակ, որ Ժիրակ զօրավարի կողմէ կալանաւորուելով Բուղայի բերուած էր: Բուղայ կը հրամայէ բառնալ զգլուխ նորա (ԱՐԾ. 196), կամ ըստ այլոց ի փայտ հանել (ԱՍՈ. 111), եւ հաւանօրէն երկուքն ալ կը գործադրուին: Սահակի կինը, որ ամուսնոյն համար միջնորդած էր, կին գեղեցիկ ըլլալուն, Բուղայէ կնութեան կ՚առնուի բռնութեամբ, բայց յետոյ Բուղայի դժբախտութեան պատճառ ըլլալը պիտի պատմենք: Ասոնք եւ դեռ եւս շատեր` որոնց անունները մեզի չեն հասած, փառաւոր նահատակներու բազմութիւն մը կը ներկայեն, եւ կը հաստատեն թէ հաւատքն ու Աստուծոյ սէրը չէին ցամքած քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ: