Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. ԱՏՐՆԵՐՍԷՀ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

25. ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ

Միայն Արտազեան յիշատակարանէ ունինք հայրապետիս անունը, մինչ Զաքարիայի եւ Զեմենտոսի անունները ուրիշ պատմութեանց մէջ ալ հիշուած էին: Հետեւապէս իր ծագումին եւ նախընթացին եւ գործունէութեան մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին: Իրեն պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը նշանակուած է տասնուհինգ տարի, իսկ վախճանը մարտիրոսութեամբ, առանց որոշ թագաւորի անունին, այլ պարզապէս ըսուած է թէ նահատակեցաւ ի բարբարոսաց (68 ԱՐՐ. 102), որ աւելի քան տեղական իշխանութեան գործը, արտաքին արշաւանքի հետեւանքը կը նշանակէ: Պատմութեան մէջ այսօրինակ արշաւանքներ ստէպ նշանակուած կան, եւ պէտք իսկ չենք տեսներ ճշդել, թէ բարբարոսաց որ ցեղին ձեռքով տեղի ունեցած է այդ նահատակութիւնը: Ատրներսէհի վերջին օրերուն մօտ կը վախճանի Սիւնեաց եպիսկոպոսը` Բաբելաս Խուժիկ, որ յաջորդած էր Կումսիի (ՕՐԲ. Ա. 62), եւ Սիւնեցիք չունէին իրենց պատրաստ եպիսկոպոս մը, որ աթոռը գրաւէր, ուստի քաջալերեալք ի Սուրբ Հոգւոյն առաքեն առ Սուրբն Թադէ զոմն մի Մուշէ անուն, որ եւ ոչ կարաց դառնալ անդրէն (ՕՐԲ. Ա. 62): Շատեր այդ կտորը այնպէս իմացած են, իբր թէ նոյնիսկ Թադէոսի կենդանութեան ժամանակ, յիշեալ Մուշէ Սիւնեցւոց կողմէ ղրկուած ըլլայ ձեռնադրուելու համար: Սակայն ժամանակագրական կերպով անհնար է այսպիսի բացատրութիւն մը տալ, վասնզի Մուշէ, Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն կարգին Եւստաթէոսէ, Կումսիէ եւ Բաբելասէ ետքը կու գայ, եւ ինչչափ ալ ուզուի ժամանակագրութիւնը բռնադատել, անհնար է Թադէոսը տակաւին կենդանի ենթադրել Բաբելասի մահուընէ ետքը: Շատ աւելի դիւրին է Սուրբ Թադէ անունը ոչ անձին, այլ աթոռին վրայ իմանալ, եւ հին եկեղեցական լեզուին մէջ անսովոր չէ հիմնադիր առաքելոյն անունով կոչել աթոռը, առաքեալին իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը մշտատեւ եւ կենդանի ըմբռնելով իր աթոռին եւ իր յաջորդներուն վրայ: Այդ բացատրութիւնը երբ մէկ կողմէն ժամանակագրութիւնը կը դիւրացնէ, միւս կողմէ Արտազեան յիշատակարանին նպաստաւոր փաստ մը կը կազմէ, թէ Հայ քրիստոնէութիւնը ճանչցած էր Արտազի աթոռին գոյութիւնը եւ հայրապետական իշխանութիւնը: Մուշէ Ատրներսէհէ ձեռնադրուելէ ետքը չէ կրցած դառնալ անդրէն, որովհետեւ անմիջապէս տեղի ունեցած է Ատրներսէհի նահատակութիւնը, եւ Մուշէ նովին իսկ Արտազու հայրապետական աթոռին կոչուած է, ինչպէս Արտազեան յիշատակարանն ալ կ՚ընդունի, թէ Մուշէ մը եղած է յաջորդն Ատրներսէհի, որուն պաշտօնավարութեան վերջը կը հասցնէ մեզ մինչեւ 92 թուականը կամ առաջին դարու վերջերը:

26. ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐ

Վերագոյնդ 23) յիշեցինք Սուքիասեան վկաներուն դարձը սուրբ Ոսկեանց քարոզութեամբ: Ասոնք ազգաւ Ալան, եւ Սաթենիկ թագուհիի ազգականներէն, ու Արտաշէսի պալատին ազնուականներէն էին, որոնք մկրտւելէ ետքը պալատը թողուցին, ու Ջրաբաշխ լեռը քաշուելով, ճգնաւորական կեանք վարեցին, յորդաբուխ աղբիւրի մը մօտերը, եւ 44 տարի շարունակեցին այդ կրօնաւորական կեանքը (ՍՈՓ. ԺԹ. 59, 63): Մերձաւոր հաշւով մը կը հասնինք Ատրներսէհի հայրապետութեան վերջերը, եւ աս ալ կը հաստատէ նոյն միջոցին տեղի ունեցած հալածանքը, քանի որ պատմութենէն գիտենք որ Սուքիասեանք ալ մարտիրոսութեամբ կնքեցին իրենց կեանքը: Բայց պէտք է խոստովանիլ թէ ծանր դժուարութեանց առիթ տուած է Սուքիասեանց պատմութեան ժամանակագրութիւնը: Երբ նահատակութիւնը առաքելական քարոզութեանց օրերէն 44 տարի ետքը կը դրուի, որ հազիւ առաջին դարուն վերջերը կրնայ տարածուիլ, միւս կողմանէ իբր արդէն տեղի ունեցած կը յիշուին, Պարսից թագաւոր Շապուհին պատերազմները եւ Հայոց թագաւոր Խոսրովին սպանութիւնը (ՍՈՓ. ԺԹ. 34), որ կատարուած են երկրորդ դարուն կիսուն, եւ իբր 150 տարւոյ տարբերութիւն մը կը գտնուի երկու ժամանակագրութեանց մէջ: Վկայից թիւն ալ սովորաբար 19 կը յիշուի (ՍՈՓ. ԺԹ. 55), բայց այլուր մինչեւ 364 կը բարձրացուի, որով նոյնիսկ Ալան ազնուականներ եղած ըլլալնին ալ կը շփոթուի: Թէ թուականին եւ թէ անձերուն թիւին տարբերութիւնները դժուար է պարզ սխալանքի կամ շփոթութեան վերագրել, եւ հաւանականագոյն կը գտնենք ըսել, թէ նախապէս Սուքիասեան 17 վկաներ նահատակուեցան յիշուած թուականին, եւ թէ անոնցմէ երկու ընկերներ Ջրաբաշխի կամ Սուկաւէտի մէջ ճգնաւորներու աշակերտութիւն մը կազմեցին, որ շարունակեց մինչեւ երկրորդ դարուն կէսերը, եւ նոյն միջոցին արծարծուած հալածանքին մէջ նահատակուեցան 364 անձերը, որք Սուքիասեանց հետեւող եւ Սուկաւէտի վկաներ լինելով` միեւնոյն անունը կրեցին, եւ երկու եղելութիւններ իրարու խառնուելով, իբրեւ միեւնոյն եղելութիւն կարծուեցան անուններու նոյնութեան պատճառով: Մեր ենթադրութիւնը, թերեւս նոր, բայց ըստ ամենայնի կը լուծէ պատմական եւ ժամանակագրական դժուարութիւնները: Ընդհանուր կերպով ալ, եղելութիւնները զատելու կերպը ամենէն ապահով կերպն է շատ մը դժուարութիւններ լուծելու, ինչպէս որ տարբեր եղելութեանց խառնուիլը պատճառ եղած է դժուարութեանց երեւան գալուն: Ըստ այսմ այստեղ կը յիշենք միայն բուն Սուքիասեանց մասին մեզի հասած աւանդական պատմութիւնը:

27. ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆՑ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Սուքիասանց խումբին գլխաւորին անունը Բարաքաթրա կամ Բահաթրա է եղած առաջ, եւ մկրտութեան ատեն Սուքիաս անունը ստացած, որ յունական Հիւսիքոս անունին տարբեր հնչումը կը կարծուի: Աստիճանով ալ յերկրորդական գահէն թագակից է եղած Ալանաց թագաւորին (ՍՈՓ. Ա. 41), եւ իբր Սաթենիկ թագուհւոյն պալատական` Հայոց արքունիքն է անցած ուրիշ ընկերներով: Ասոնցմէ 19 հոգի Ոսկեանց քարոզութեամբ քրիստոնէութիւնը ընդունելով, միջոց մը եւս պալատան մէջ մնացած են, բայց կասկածեալ զի մի ի վտանգս ինչ փորձութեան անկցին, իրարու հետ համակամ համաձայնութեամբ արքունիքը կը թողուն եւ Ջրաբաշխ լեռը կ՚առանձնանան: Այդ լերան տրուած Սուկաւէտ անունը Սուքիասի անունէն առնուած կը կարծուի (ՅՈՎ. 48): Այնտեղ խոտաճարակ կեանքով կը մնան 44 տարի, այնպէս որ մարմինք նոցա էին իբրեւ զմամուռս քարի, եւ վարսք նոցա որպէս զքօշից քարշէին (ՍՈՓ. ԺԹ. 38), եւ ասկէց է իրենց տրուած Քօշ մականունը, որ հաւանաբար արմատն է Քէօսէ լեռ անունին, որով կը կոչուի այսօր Սուկաւէտը, Բագրեւանդայ դաշտին գլուխը, Վաղարշակերտ քաղաքին մօտերը (ՍՈՓ. ԺԹ. 65), այժմեան Ալաշկերտ գաւառին կեդրոնը: Սուքիասեանց յայտնուիլը տեղի ունեցած է Ալան թագաւորին հետապնդութեամբ, որ Բառլահա անուն զօրավարը ղրկած էր զանոնք համոզելու եւ քրիստոնէութենէ ետ կեցնելու: Բառլահա Սուկաւէտի վրայ կը գտնէ երանելիները, եւ առաջարկներով եւ խոստումներով չկրնալով համոզել, բռնութեանց կը ձեռնարկէ, չորս չորս ցիցի պրկել տալով բրածեծ կը տանջէ, եւ կողերնին այրել կու տայ: Սուքիաս եւ Պօղիքտէս եւ Կոդրատոս, յատուկ կերպով կը դիմադրեն Բառլահայի, ընկերները կը քաջալերեն, աղօթքի կ՚առաջնորդեն, եւ վերջապէս սրով կը նահատակուին 17 վկաներ: Ասոնց անուններն են. 1. Սուքիաս, 2. Ղուկիանոս, 3. Պօղիքտէս, 4. Կոդրատոս, 5. Անտիոքոս, 6. Իքսորոն, 7. Մեմնաս, 8. Փոկաս, 9. Սերգիոս, 10. Դոմետիոս, 11. Ադրանիոս, 12. Զոսիմոս, 13. Բիկտորիոս, 14. Թալկիսոս, 15. Յորդանէս, 16. Անաստաս, 17. Թէոդորոս: Խումբին ամբողջութիւնը կը լրացնեն 18. Յակոբոս եւ 19. Թէոդոս, եւ ասոնք կը կարծուին այն երկուքը, որք յաջողած են սրամահ կոտորածէն ազատիլ, եւ Բառլահայի հեռանալէն ետքը, իրենց ընկերներուն մարմինները թաղել, եւ իրենք ալ ճգնաւորական կեանքը շարունակել, պատճառ լինելով ուրիշ քրիստոնեաներու ալ Սուկաւէտի առանձնութեան մէջ հաւաքուելուն, տիրող հալածանքէն փախչելով, եւ ինքզինքնին կրօնաւորական կեանքի նուիրելով: Սուքիասանց նահատակութեան օրը նշանակուած է նաւասարդի 17, առանց տարին յիշելու (ՍՈՓ. ԺԹ. 55), եւ նոյն օր ալ նշանակուած է տօնը, նախնական տօնացոյցին մէջ (ՄՇՏ. 5):