Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ

44. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Չորրորդ դարով նոր ասպարէզ կը բացուի մեր առջեւ, եւ Հայ քրիստոնէական պատմութիւնը նոր կերպարան մը կը զգենու փառաւոր յաղթանակով եւ առատ տեղեկութիւններով: Միեւնոյն ատեն եկեղեցական պատմութիւնը սերտ կապակցութեամբ կը միաւորուի քաղաքական եղելութեանց հետ, ինչ որ մեզ կը պարտաւորէ անոնց ակնարկել մեր ուսումնասիրութեանց մէջ: Առաջին երեք դարերուն մէջ ոչ միայն հալածեալ քրիստոնէութիւնը անջատ կը մնար քաղաքական պատահարներէն, այլեւ ազգային եւ արտաքին պատմութեանց անհամաձայնութիւնը կը դժուարացնէր անոնց մէջ ներքին աղերս մը հաստատել: Ընդհակառակն այս միջոցէն սկսելով երկու պատմութիւններ իրարու կը մօտենան, անձերու եւ դիպուածներու նոյնութիւնը կը պահեն, եւ ժամանակագրական տարբերութիւններն ալ լուրջ ուսումնասիրութեամբ համաձայնութեան կու գան, որով դիւրին կ՚ըլլայ եկեղեցական կեանքը քաղաքական կեանքին հետ զօդելով դիպուածներու իսկական կերպարանը երեւան բերել: Շատեր վերջին ժամանակներու մէջ այդ աշխատութեան ձեռնարկեցին, որոնցմէ մենք ալ կ՚օգտուինք միացնելով մեր ալ նախնական աղբիւրներու վրայ ըրած անձնական հետազօտութիւնները: Ազգային պատմութեան Վաղարշը, Տիգրան Գ-ի որդին, կը նոյնանայ արտաքին պատմութեան Վաղարշին` Պարթեւաց Արտաւան Դ-ի եղբօր հետ, եւ երկրորդ դարու վերջին տարիներէն սկսելով ազգային եւ արտաքին պատմութիւններ իրարու կը մօտենան: Վաղարշ երկարատեւ եւ խոհական իշխանութիւն վարող թագաւոր մը, կը կերպարանէ Խորենացիին գոված մեծ Վաղարշակը (ԽՈՐ. 71), եւ երկուքուկէս դարու հեռաւորութեամբ ստուգուած կը լինի Պարթեւ թագաւորի մը կամ Արշակի մը եղբօր` Հայաստանի մէջ Պարթեւազնեան հարստութեան հիմնադիր լինելը: Վաղարշի թագաւորութեան տեւողութիւնն ալ կը համաձայնի կրկին պատմութեանց մէջ, որուն Խոսրով որդին` հօրը շուրջ քսանամեայ թագաւորութեան կը յաջորդէ: Այդ Խոսրովի կամ ըստ այլոց Տրդատի կամ Արշակի օրովն է` որ Պարթեւաց հարստութիւնը կը կործանի, մերձաւորաբար հինգ դար Պարսկաստանի եւ շրջակայից վրայ իշխելէն ետքը: Արտաշիր Սասանեան 224-ին ապստամբութեան դրօշը կը բարձրացնէ, եւ երկու տարի ետքը 226-ին Սասանեան բնիկ Պարսիկ հարստութիւնը կը սկսի Պարսկաստանի մէջ: Սասանեանք Պարթեւեան հարստութեան ճիւղերը Պարսկաստանի մէջ ջնջելէն ետքը, կը ձեռնարկեն Հայաստանի ճիւղն ալ ոչնչացնել, այլ զինուորական ոյժով չեն յաջողիր, պատերազմները ձախող կը վերջանան իրենց համար, եւ նենգութեան դիմելու կը ստորնանան:

45. ԽՈՍՐՈՎԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայոց արքայ Խոսրովի նենգութեամբ սպանութիւնը (10), ազգային պատմութենէն նոյնինքն Արտաշիրի նախաձեռնութեան կը վերագրուի (ԽՈՐ. 154), սակայն եթէ այն մինչեւ 259 պիտի յետաձգուի, Արտաշիր այլեւս կենդանի չէ, զի նոր ուսումնասիրութիւններ 242-ին կը հաւաստեն Արտաշիրի մահը եւ Շապուհի յաջորդելը: Այդ պատճառով ոմանք Պարսիկ թագաւորին անունին ոյժ տալով` մինչեւ 239 կը կանխեն Խոսրովի սպանութիւնը, ուրիշներ թուականին կրթնելով նենգութեան հեղինակ եղող թագաւորին անունը կը փոփոխեն: Մենք կը նախընտրենք թուականը փոփոխել, աչքի առաջ ունենալով թէ թուականներ աւելի ենթակայ են այլայլութեանց քան անձնաւորութիւններ, թէ մեր ազգային պատմութիւններ ընդհանրապէս կը մեղանչեն ժամանակագրական ճշդութեանց մէջ, եւ թէ եղելութիւնը պատմագիրներուն մերձաւոր ժամանակի մէջ կատարուած լինելով, եւ Լուսաւորչեան գերդաստանին մէջ նուիրական աւանդութիւններով կենդանի պահուելով, պէտք էր ճիշդ ու թարմ լինէին գործիչներու յիշատակները: Կրնանք եւս խորհրդածել, թէ նենգաւոր սպանութեան խորհուրդը շատ աւելի յարմար կու գար Արտաշիրի ընթացքին եւ օգուտին, որ Պարթեւական ճիւղերուն արագ ջնջուելուն հետամուտ էր, քան իր որդւոյն, որ այլեւս ապահով կը զգար ինքզինքը, Պարթեւեան հարստութեան իյնալէն 33 տարի ետքը, երբ ընկճած էր եւ գրեթէ անհետացած էին Պարթեւազնեայց վերջին ճիգերը: Պարթեւազնեան թագաւորական գերդաստանին մնացորդներէն Անակ Պահլաւունի յանձն կ՚առնէ Արտաշիրի առաջարկը կատարել, եւ իբր թէ Արտաշիրէ նեղուած ու Պարսից զօրքերէն հալածուած` Կորդուաց նահանգի սահմանագլուխէն Հայաստան կը մտնէ, եւ Խոսրովէ սիրալիր ընդունելութիւն կը գտնէ (ԱԳԹ. 21), ինչպէս որ ուրիշ Պարթեւազնեայ փախստականներ ալ կանուխէն Հայոց երկիրը ապաւինած էին (ԽՈՐ. 152): Անակ երկու տարի մտերմաբար կ՚ապրի Խոսրովի մօտ (ԽՈՐ. 155), եւ երբ Խոսրով կը մտաբերէր Արտաշիրի վրայ քալել, Անակ եւ իր եղբայրը, անունը անյայտ, պատճառանքով մը Խոսրովի հետ կը մեկուսանան Վաղարշապատի մէջ, իրենց իսկ սուրերով զայն կը սպաննեն, եւ իսկոյն դէպ Արտաշատ արշաւասոյր կը փախչին: Բայց հայակոյտ գունդեր անոնց կը հետեւին, եւ Արտաշատու կամուրջին վրայ կը սպաննեն (ԱԳԹ. 22): Խոսրովի սպաննողներուն վրայ խօսելով գրուած է, թէ անոր որդին Տրդատ, ի տղայութեան փախուցեալ ի հայրասպան մարդախողխող հօրեղբարցն իւրոց (ԵՂԻ. 55) Յունաստան ապաւինեցաւ: Հօրեղբայր անունը Անակի եւ եղբօր պատշաճեցուցած ատենիս, դժուար է ճիշդ իմաստով առնել, իբր թէ Խոսրովի եղբայրները ըլլային, ինչ որ պատմութիւնը զանց չէր ըներ նշանակել, իբրեւ ծանրացուցիչ պարագայ, եթէ իրօք այնպէս ըլլային: Ուստի յարմարագոյն է աւելի ընդարձակ իմաստով առնել, իբր արենակիցներ միայն, թէպէտ պակաս չեն կարծողներ որ Խոսրով եւ Անակ հարազատներ եղած ըլլան: Իսկ Խոսրովի որդւոյն Տրդատի ալ փախուստը պէտք եղաւ, որովհետեւ հակառակ դաւաճաններուն սպանման, Արտաշիր առիթ գտաւ անգլուխ մնացող Հայաստան մտնել, եւ տիրել, եւ Պարթեւական տոհմիկ մնացորդները ջնջել: Անոնցմէ միայն մանկիկ մի փոքրիկ անուն Տրդատ(ԱԳԹ. 24) կ՚ազատի Արտաւազդ Մանդակունիի ձեռքով, եւ աղջիկ մըն ալ Խոսրովիդուխտ անուն Օտա Ամատունիի ձեռքով (ԽՈՐ. 157):

46. ԳՐԻԳՈՐԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Երբ Խոսրով մահացու վիրաւորուած եւ վերջին շունչը չտուած, հրամայեց Անակի ազգատոհմը կոտորել, երկու գիրկի տղաներ միայն ազատեցան դայեկներու ձեռքով (ԱԳԹ. 23): Այս երկուքին կրտսերագոյնն էր, այն որ յետոյ Գրիգոր կոչուեցաւ, եւ հաւանաբար Սուրէն էր կոչուած առաջուց: Ս. Սահակ, ընտանեկան աւանդութիւններէ քաղելով, պատմած է, թէ այդ տղուն յղութիւնը եղած էր Արտազու դաշտին մէջ, մօտ առ դիրս սրբոյ առաքելոյն Թադէոսի, երբոր Անակ Հայաստան եկած ատեն պահ մը անդէն բնակած էր, վասն որոյ եւ զնորին առաքելոյ շնորհն ընկալեալ կ՚ըլլար տղան(ԽՈՐ. 155): Արդ, եթէ երկու տարի ետքը Անակ կը սպաննուէր, ուրեմն այն ատեն Գրիգոր մերձաւորաբար տարուան մը մանկիկ էր, եւ եթէ սպանութիւնը 240-ին տեղի կ՚ունենար, Գրիգորի ծնունդը հարկ կը լինի 239-ին դնել: Գրիգոր տղեկ Հայաստանի սահմաններէն հեռացուելով, ուղղակի Կեսարիա տարուեցաւ եւ հոն մկրտուեցաւ, քրիստոնեայ դայեկին խնամքով, որ էր Սոփիա Կեսարացի, Եւթազիոսի քոյր, եւ Բուրդար պարակին կին, որ բարեդէպ առիթով մը Անակէ իբրեւ ստնտու առնուած էր, եւ արկածէն ետքը Եւթազիոսի առաջնորդութեամբ իր քաղաքը դարձաւ: Փիրմիլիանոս, Որոգինէսի հետեւող եւ սքանչելի յուսումնասիրութեան, որ 232-ին Կեսարիոյ եպիսկոպոս էր եղած, յատուկ դեր ունեցաւ Գրիգորի դաստիարակութեան մէջ: Գրիգոր յարբունս հասակի հասեալամուսնացաւ Դաւիթի դստեր Մարիամի հետ (ԽՈՐ. 161), եւ թէպէտ Զենոբ Գլակ երկոտասանամեայ ամուսնացած կը կարծէ Գրիգորը (ԶԵՆ. 22), բայց 12 տարուան ամուսնանալը անհաւանական կ՚երեւի, եւ թուատառերու շփոթութեան հետեւանք, ուստի իբր 22 տարեկան ենթադրել յարմարագոյն կը սեպենք, եւ թուականն ալ 261-ին հաշուել: Աթանագինէս քորեպիսկոպոս Փիլաքթովիոյ, Լուսաւորչի խնամի եւ Մարիամու եղբայր է կոչուած (ՏԱՇ. 29), որով թէեւ Լուսաւորչի կինը Սեբաստացի կ՚ըլլայ, սակայն դժուարին չէ բնակութիւնը Կեսարիա փոխադրած ըլլալը: Լուսաւորչին ալ ձեռնադրութենէն ետքը Կեսարիայէն Սեբաստիա երթալը (ԱԳԹ. 420), այնտեղի հետ յարաբերութիւն ունեցած լինելը կը հաստատէ: Այդ ամուսնութենէն երկու զաւակ միայն ունեցաւ Գրիգոր, որոնք են Վրթանէս եւ Արիստակէս: Յետ երից ամաց երկուց որդւոց լինելոյ բացատրութիւնը (ԽՈՐ. 161), ոմանք կ՚իմանան իբր թէ ըսէր, թէ ամուսնութենէ մինչեւ երեք տարուան միջոցին երկու զաւակ ունեցած է, իսկ մենք աւելի յարմար կը սեպենք իմանալ թէ երկու զաւակ ունենալէն երեք տարի ետքն է, որ Գրիգոր եւ Մարիամ համահաճութեամբ ընտանեկան կեանքերնին ընդհատած են, Գրիգոր գործով Կեսարիայէն հեռացած է, Մարիամ կուսաստան մը քաշուած, եւ ոչ թէ կրօնաւորած, Արիստակէս վերջէն Նիկոմաքոս միայնաւորին աշակերտած, եւ Վրթանէս աշխարհիկ կեանքի հետեւած եւ ժամանակին ամուսնացած է: Ըստ այսմ յիշեալ բաժանումը կրնայ դրուիլ 267-ին: Գրիգորին ինչ գործի ձեռնարկած լինելը եւ ուր գացած լինելը յայտնապէս գրուած չենք գտներ, բայց ուսումնական զարգացում ստացած լինելուն, գրագրութեան պաշտօնին հետեւած լինելը հաւանական է, որով վերջէն ալ կը գտնենք զինքը Տրդատի արքունեաց մէջ իբր պալատական պաշտօնեայ, զբաղեալ մանաւանդ գրական եւ պատգամաւորական աշխատութիւններով:

47. ՏՐԴԱՏԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Տրդատ մանկիկ, հազիւ մէկ-երկու տարեկան եղած պիտի ըլլայ հօրը սպանութեան ատեն: Նա իր երիտասարդութիւնը անցուց Հռոմայեցւոց մօտ, եւ վարժուեցաւ պատերազմական գործառնութեանց, եւ Հռոմէական բանակին մէջ ալ ծառայեց, Պրոբոս եւ Կարոս կայսրներու ժամանակ, եւ յատուկ քաջագործութիւններ ալ կատարեց (ԽՈՐ. 159): Խոսրովի սպանութենէն ետքը, Հայաստան Պարսից ազդեցութեան ներքեւ մնաց, թէպէտ ատեն ատեն Հռոմայեցւոց կողմն ալ զօրացաւ, այլ վաղանցուկ յաջողութիւններ եղան մինչեւ Կարոսի մեծ յաղթութիւնը 283-ին: Այդ միջոցին համար Արտաւազդ թագաւոր մը կը յիշուի, որ Պարսից կողմէն անուանուած է Խոսրովի տեղ, եւ չենք գիտեր թէ նոյնը կը թագաւորէր Աւրեղիանոսի յաղթութեան ատեն ալ 274-ին. թէ ոչ իրմէ զատ ուրիշ թագաւոր ալ եղած էր: Աւրեղիանոս Հայաստանը իր հովանաւորութեան ներքեւ առնելով Տրդատը թագաւորեցուցած էր, բայց երկու տարի ետքը Վռամ Բ. նորէն Հայաստանը գրաւեց, եւ Տրդատ հեռացաւ. թէպէտ նորէն դարձաւ Հռոմայեցւոց պաշտպանութեամբ: Այդ վերջնական եւ հաստատ գահակալութիւնը (11) Խորենացին մանրախուզիւ քննեալ գտած է յերրորդ ամի Դիոկղետիանոսի, որ 284-ին կայսր հռչակուեցաւ եւ Տրդատ ալ 287-ին վերջնապէս գրաւած կ՚ըլլայ իր հօրենական գահը, առաջին գահակալութենէ 13 տարի ետքը (ԽՈՐ. 163): Այս առթիւ է որ Գրիգորն ու Տրդատը իրարու հետ կը գտնենք: Գրիգոր Տրդատի քով մտնելով, նպատակ ունեցած է զհայրենեացն հատուցանել պարտիս (ԽՈՐ. 16), զոր սովորութիւն է իմանալ, իբր թէ ուզած ըլլայ Անակի տիրապետութեան փոխարէն հատուցում ընել: Պէտք է ըսել թէ Գրիգոր կանուխէն այդ որոշումը գործադրած է, վասնզի Տրդատ Գրիգորին խօսելով կ՚ըսէ թէ. աշխատեցար ընդ իս ի մանկութենէ վաստակովք (ԱԳԹ. 61), եւ թէայդչափ ամք են զի տեսի ես զքեզ, եւ ծառայեցիր դու ինձ միամտութեամբ (ԱԳԹ. 30), ինչ որ ոչ միայն երկարատեւ ժամանակ, այլեւ իբր մտերիմ պաշտօնեայ մը Տրդատի քով եղած լինելը կը ցուցնէ: Կրնանք ուրեմն ըսել, թէ Գրիգոր նոյնիսկ Տրդատին առաջին թագաւորելէն անոր հետ եղաւ, անոր հետ ալ հեռացաւ, ու միասին դարձաւ Հայաստան: Պէտք է ըսել եւս որ Գրիգորի ազգատոհմը անծանօթ մնացած էր արքունեաց մէջ, բայց դժուար է քրիստոնէութեանն ալ անծանօթ լինելը ենթադրել, վասնզի պէտք կը լինէր ըսել թէ Գրիգոր այնչափ տարիներ կեղծեօք ապրած ըլլայ: Ընդհակառակն այն ատեններ քրիստոնէութիւնը խաղաղ օրեր կը վայելէր, եւ քրիստոնեաներ կայսրութեան մէջ ալ գործի գլուխ կը գտնուէին եւ կարեւոր պաշտօններ կը վարէին:

48. ԳՐԻԳՈՐԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐԸ

Տրդատ կատարեալ յաջողութեամբ եւ վերջնապէս իր գահը գրաւելու համար յաղթանակով Հայաստան մտածին պէս, դեռ մայրաքաղաքն ալ չհասած, ուզեց գոհաբանական տօնախմբութիւն մը կատարել Երէզ աւանի մօտ, ուր էր Հայոց Դիցամօր` Ոսկիածին Անահիտի տաճարը: Սովորութիւն էր ծաղկեայ պսակներով եւ թաւ ոստերով պատուել մեծ աստուածուհին, եւ Տրդատ, թերեւս իբրեւ աւելի մտերմութեան նշանակ, Գրիգորի հրամայեց այդ նուէրները տանիլ. բայց քրիստոնեայ պաշտօնեայն յանձն չառաւ չաստուածներու պաշտօն ընծայել: Պատմիչը կը դիտէ թէ այդ միջոցին Տրդատ յընթրիս բազմեցաւ, եւ բոլոր սեղանակիցներ ընդ գինիս մտին (ԱԳԹ. 30), եւ հարկաւ գինովութեան հետեւանքն էր, որ Տրդատ հրամանը պնդեց, եւ խօսքը տեղը տանելու համար նախ ողոքանօք, յետոյ տանջանօք, ուզեց Գրիգորի դիմադրութեան յաղթել: Այսպէս սկսաւ Գրիգորի քրիստոնէութեան յայտնութիւնը, որ բազմաչարչար մարտիրոսական հանդէս դարձաւ, եւ տեղի ունեցաւ Երիզայի կամ Երզնկայի մօտ, ուր է այժմ Չարչարանք Ս. Լուսաւորիչ վանքը, քաղաքէն դէպ հարաւ երկու ժամի չափ հեռու, Մեղուցիկ գիւղին մօտ, լերանց ստորոտը, գեղեցիկ դիրքի մը վրայ: Ագաթանգեղոս երկար եւ զարդարուն ոճով պատմած է Տրդատի պնդումները եւ Գրիգորի աներկիւղ պատասխանները, տանջանքներու նկարագրութիւնները եւ Գրիգորի եռանդուն աղօթքները: Մենք կը բաւականանանք չարչարանքները յիշատակել համառօտակի: 1. Ձեռքերը կապած, բերանը սանձ, կռնակը աղի բեռ, կուրծքը քելոց, բարձրաւանդակէ կախել: 2. Մէկ ոտքէն կախելով ներքեւէն աղբ ծխել, եւ դալար գաւազաններով ծեծել: 3. Ոտքերը կոճղներու մէջ ճզմել: 4. Ոտքին երկաթ բեւեռներ մխելով քալեցնել ու վազցնել: 5. Գլուխը կռփահար ծեծել: 6. Գլուխը մամուլի դնելով քիթէն քացախ եւ բորակ փչել: 7. Գլուխը մոխրալից պարկի մէջ գոցել: 8. Գլխիվայր կախելով եւ նստոյ տեղւոյն ձագար անցընելով, փորը ջուր լեցնել: 9. Կողերը երկաթէ ճանկերով քերել: 10. Գետինը երկաթէ տատասկներ սփռելով վրայէն քաշկռտել: 11. Ծունկերը երկաթէ կապիճներու մէջ պնդել, եւ բազուկներէն կախել: 12. Հալած կապարով մարմինը այրել:

49. ԱՐՏԱՇԱՏԻ ՎԻՐԱՊԸ

Այդ պարագաները հնար չէ որ հետաքրքրութիւն չշարժէին Տրդատի հետեւորդներուն մէջ, եւ չգրգռէին Գրիգորի անձնաւորութեան վրայ հետազօտութիւններ ընել: Այս կերպով Տաճատ իշխան Աշոցայ, Արտաւազդ Մանդակունիի քեռայրը, որ ժամանակ մը Կեսարիա ապրած էր (ԽՈՐ. 158), կը յաջողի Գրիգորի ինքնութիւնը ստուգել, եւ Տրդատի ալ կը հաղորդէ թէ նոյնինքն տիրասպան Անակի զաւակն է (ԱԳԹ. 70): Այդ յայտնութիւնը, զոր պէտք չենք զգար ճիշդ վերջին չարչարանքէն ետքը երեւան եկած ըսել. Տրդատի ցասումը կը սաստկացնէ եւ գուցէ անոր հետեւանքով ալ չարչարանքները կը խստացնէ, եւ վերջապէս կը հրամայէ Արտաշատի վիրապը նետել, որ էր մահապարտներու համար սահմանուած խիստ բանտ մը: Խոր գուբեր էին վիրապները, զազիր կենդանիներով լեցուն, ուր նետուած մահապարտները անտանելի արգելարան մը կը գտնէին, եւ երբեմն ալ անսուաղութեամբ եւ տուայտութեամբ կեանքերնին կը վերջացնէին: Այսօր ալ իբր ուխտատեղի կը մնայ Լուսաւորչի վիրապը, Արտաշատի բլուրին վրայ, Խոր վիրապի վանքին մէջ: Հինգ վեց մեթր տրամագիծով գուբ մըն է, շուրջանակի կոփածոյ քարերով բոլորակ հիւսուած, իսկ խորութիւնը այժմ 25 ոտք սանդուխ է, բայց բաւական մաս մը ժամանակին լեցուած է: Ներքեւը քար մը կայ երկու մաշած տեղերով, որք կը ցուցուին իբր Լուսաւորչի ծնրադրութեան հետքեր: Գուբին բերանը այժմ կամարով գոցուած եւ վրան փոքրիկ եկեղեցի մը շինուած է, եւ կողմնակի մուտքէ մը վիրապին մէջ կ՚իջնուի: Այստեղ տարուեցաւ Գրիգոր իբրեւ մահապարտ: Ճանապարհին Սուրէնաշէն հանդիպած լինելը յիշեցինք արդէն(§ 39): Կարնոյ մօտ ալ Ս. Լուսաւորիչ վանքին եկեղեցւոյն աւանդատան մէջ փոքրիկ գուբ մը կը պատուուի, իբր Լուսաւորչին գիշեր մը բանտի ծառայած արգելարան, թէպէտ գուբն ալ եւ եկեղեցւոյ մէջտեղի բոլորակ քարն ալ, նմանութեամբ շինուած կ՚երեւին: Լուսաւորիչ աստուածային նախախնամութեամբ անվնաս ապրեցաւ յայնմ վիրապի ամս երեքտասան (ԱԳԹ. 71), եւ բարեպաշտ այրի կին մը հոգաց անոր ոգեպահիկը (ԱԳԹ. 72), ուր շատ հաւանական է տեսնել Խոսրովիդուխտի հովանաւորութիւնը, որ գաղտնի քրիստոնեայ, գոնէ քրիստոնէից համակիր մը եղած է (12):

50. ՆԵՐՍԷՀԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Այդ երեքտասանամեայ միջոցին, Տրդատ նորէն պատերազմներ վարեց Պարսից դէմ, որք չէին հրաժարած Հայաստանի մէջ Պարթեւազնեան ճիւղը ջնջելու, եւ երկիրը Սասանեանց ազդեցութեան ներքեւ առնելու գաղափարէն: Պատերազմի բախտը յաջող գնաց Տրդատի` Վռամ Բ-ի հանդէպ, բայց երբ Ներսէհ գահակալեց, նոր ոյժեր հաւաքեց, եւ այնպէս յարձակեցաւ 294-ին, որ Տրդատ պարտաւորուեցաւ անգամ մըն ալ Հռոմայեցւոց մօտ ապաւինիլ, եւ անոնց օգնութեամբ Պարսիկները հեռացնել, եւ իր գահը ապահովել: Հռոմայեցւոց համար տեսակ մը ինքնապաշտպանութեան գործ էր Հայաստանը պաշտպանել, որ թումբ մը կը կազմէր երկու կայսրութեանց միջեւ. առանց անոր Պարսիկները կրնային դիւրաւ Հռոմէական կայսրութեան սահմանները մտնել: Գրիգորի միջադէպը ընդհանուր ատելութիւն մը գրգռած էր Տրդատի վրայ քրիստոնէից դէմ, եւ այն ատենէն կրկին հրովարտակներ արձակած էր քրիստոնեաները կռապաշտութեան բռնադատելու եւ գաղտնի քրիստոնեաները կառավարութեան յայտնելու համար (ԱԳԹ. 73, 76): Այս պատճառով պահ մը աւելի դժուարացաւ քրիստոնէից վիճակը Հայաստանի մէջ, Թէոդորոս Սալահունիի 39) եւ Սուկաւէտի վկայից նահատակութիւնները 40), ուրիշ նմաններն ալ ունեցան ամէն կողմ, եւ թերեւս այս պատճառով Արտազու աթոռն ալ անգլուխ կրցաւ մնալ ժամանակ մը, կամ թէ հայրապետներ պարտաւորուեցան զժողովս սրբոց ի թաքստեան կառավարել, ինչպէս երբեմն Մուշէ հայրապետ 28):

51. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆ ԿՈՅՍԵՐ

Լուսաւորչի վիրապային կեանքին վերջին տարին էր, երբ նախախնամական պատահար մը կը պատրաստէր, թէ' անոր խաւարչտին արգելարանէն ազատութիւնը, եւ թէ Հայոց աշխարհին կռապաշտութեան խաւարէն վերջնական ազատութիւնը: Խումբ մը կուսաններ կը հասնէին Վաղարշապատ մայրաքաղաքին մօտերը, եւ կը բնակէին շրջակայ այգիներու հնձաններուն մէջ: Խորհրդաւոր կերպարան մը ունի այդ կուսաններուն նախընթացը: Ագաթանգեղոս կը պատմէ, թէ Դիոկղետիանոս ուզեց կին առնել իր տէրութեան մէջ ամենէն գեղեցիկ աղջիկը, ուստիպատկերագործք նմանահանք ճշգրտագործք ղրկուեցան ամէն կողմեր, պատկերները նկարելով թագաւորին ներկայելու: Հռոմ քաղաքը կուսաստան մը կար, որուն գլխաւորն էր Գայիանէ, եւ կոյսերէն մէկն էր Հռիփսիմէ ի թագակալ տոհմէ: Անոր պատկերն ալ տարուեցաւ եւ նախադասուեցաւ, բայց կուսաններ հեթանոս թագաւորին ձեռքէն ազատելու համար խմբովին Հռոմէ փախան, եւ եկան առանձնացան Վաղարշապատու հնձաններուն մէջ, եւ կը կերակրւէին ապակեղէն ուլունք պատրաստելով եւ վաճառելով (ԱԳԹ. 78-86): Խորենացի այդ պատմութիւնը կ՚ընդարձակէ աւելցնելով թէ Հռոմի կուսաստանը Ս. Պօղոսի վանքն էր, ուր կային 300 վանական կոյսեր, թէ Գայիանէ հոգւոյ ակամբ իմացաւ, թէ խորհէին Հռիփսիմէն առնուլ ի պատիւ տանն Հռոմայեցւոց` ի թագուհութիւն տիեզերապետութեան, եւ թէ այս պատճառով աւելի քան զեօթանասուն հոգի, խմբովին Հռոմէ հեռացան Գայիանէի գլխաւորութեամբ: Նախ կու գան Աղեքսանդրիա, անկէ Երուսաղէմ ու Եդեսիա, եւ ապա Դարանաղեաց, Խլաթու, Մոկաց եւ Կորդուաց գաւառներու ճամբով, եւ հետզհետէ Կճաւ, Բերկրի, Տմորիք, Կանգուար, եւ Կորիթ հանդիպելով կը հասնին Վան, եւ բաւական ժամանակ Վարագի վրայ մնալէ ետքը կու գան Վաղարշապատ (ԽՈՐ. 298-303): Իսկ Վաղարշապատի մէջ յայտնւելնին կը վերագրուի Դիոկղետիանոսի յանձնարարութեամբ Տրդատի հրամայած խուզարկութեանց (ԱԳԹ. 88): Որչափ ալ այս աւանդութիւնը ազգին մէջ տարածուած է, սակայն դիւրին չէ անոր ամէն պարագաները հաստատել, ոչ այնչափ պատմական փաստերուն տկարութեան, որչափ եղելութեանց ներքին հանգամանքներուն պատճառով: Որովհետեւ ոչ Դիոկղետիանոս Հռոմ էր, եւ ոչ այդ կերպով ամուսնութիւն կրնար ընել, ոչ պատկերի վրայ ընտրութիւն կ՚ըլլար, եւ ոչ ալ վերջապէս 70 կոյսերու բազմութիւն մը կրնար ապահովութեամբ այդչափ ընդարձակ ու դարձուդարձ ուղեւորութիւն մը կատարել: Ոմանք Գայիանէի եւ Հռիփսիմէի մէջ ուզեցին տեսնել Դիոկղետիանոսի կնոջ Պրիսկայի եւ դստեր Վազերիայի անցքը, որոնք հալածուեցան քրիստոնէութիւնը չուրանալնուն համար, սակայն անոնք ըստ ոմանց տկարացան ու կուռքերու զոհեցին (ՊԷԼ. Բ. 514), եւ ըստ այլոց Թեսաղոնիկէ նահատակուեցան, եւ բնաւ յարաբերութիւն չեն կրնար ունենալ Հայաստան տեղի ունեցած եղելութեան հետ: Ուրիշներ մտածեցին, թէ կրնան ասոնք եղած ըլլալ, այն խումբ մը կոյսեր որք Մծբինի վանքէն փախան, ինչպէս Ս. Փեբրոնէի վկայաբանութեան մէջ կը կարդացուի (ՎՐՔ. Զ. 81): Բայց այս մեկնութիւններէն հաւանակագոյն եւ ընտրելագոյն կը կարծենք ըսել, թէ առաքելական ժամանակէ սկսած Հոգւոց վանքի Հայազգի կոյսերէն էին 74), որք հալածանաց ատեն բռնուած, եւ իբրեւ նշանաւոր անձեր մինչեւ թագաւորին ատեանը հանուած են: Աւանդական պատմութեան մէջ ալ յատկապէս յիշուած է Տիրամօր պատկերին տեղը, իբրեւ կոյսերուն օթարաններէն մէկը, որ է նոյնիսկ Հոգւոց վանքը (ԽՈՐ. 301): Բայց ինչ ալ ըլլայ Հռիփսիմեան կոյսերուն ծագման մթութիւնը, այն չի կրնար անոնց իսկութեան եւ մարտիրոսութեան պատմութիւնը ջնջել:

52. ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ կոյսերը յայտնուեցան, խիստ պահպանութեան ներքեւ առնուեցան, Հռիփսիմէի գեղեցկութեան հռչակը տարածուեցաւ, եւ թագաւորը հրամայեց պատուով իրեն բերել, բայց կոյսերուն դիմադրութեան վրայ, զայն բռնութեամբ տանելու հրաման տրուեցաւ: Տրդատ բուռն հարկանէր զնմանէն, կատարել զկամս ցանկութեան, բայց չյաջողելով, Գայիանէն բերել կուտայ որ խրատէ համակերպիլ, բայց նա ընդհակառակն դիմադրութեան կը քաջալերէ, եւ ասոր համար տանջանքի ալ կ՚ենթարկուի: Հռիփսիմէ վերջնապէս կը զօրանայ, եւ Տրդատի ձեռքէն ազատուելով արքունիքէն կը փախչի, եւ հիասթափ բազմութեան մէջէն Գայիանէի հետ հնձանները կը դառնայ: Վրայ կը հասնին արքունի դահիճներ, եւ Հռիփսիմէն զանազան տանջանքներէ ետքը յօշոտելով կը մեռցնեն, եւ ուրիշ 32 ընկերներն ալ սրամահ կը կոտորեն: Հնձանին վրայ ալ յարձակելով այնտեղ մնացող հիւանդ Մարիանէն կը զարնեն, իսկ Գայիանէն երկու ընկերներով, միւս օր Մեծամօրի դուռնէն դուրս չորս ցիցերու պրկելով կտտամահ կը նահատակեն: Հռիփսիմեանց նահատակութեան օրը նշանակուած է հոռի 26, իսկ Գայիանեանց հոռի 27 (ԱԳԹ. 112), եւ նոյն օրերուն գրուած են անոնց յիշատակները հնաւանդ տօնացոյցին մէջ (ՄՇՏ. 5): Նշանակուած օրերը հաստատուն տոմարի հաշուով կը պատասխանեն Հոկտեմբեր 5 եւ 6 օրերուն, սակայն այն ատեն հաշիւներ շարժական տոմարի վրայ կը կատարուէին, եւ 301ին (13), որ այդ եղելութեանց ընկալեալ թուականն է, կը պատասխանէին Նոյեմբեր 6 եւ 7 օրերուն հռոմէական տոմարով: Յիշեալ 301 թուականը իբր լուսաւորութեան թուական ընդունելու կը նպաստէ եւ Ասողիկ, որ Քրիստոսի 553 թիւին, ի լուսաւորութենէ սրբոյն Գրիգորի, ամս 252 կը հաշուէ (ԱՍՈ. 84): Հռիփսիմեանց վկայութեան պատմութիւնը շատ խծբծանաց ենթարկուած է օտարներու կողմանէ, մինչեւ իսկ անոնց գոյութիւնը ուրանալու չափ: Սակայն անոնց ծագումին խնդիրը նահատակութեան խնդիրէն զատելով, այդ վերջին մասը իրեն համար հաստատուն փաստեր ունի ազգային նախնական եւ անընդհատ աւանդութեան եւ ժամանակակից պատմութեան մէջ, եւ նոյն իսկ իրենց գերեզմաններուն եւ վկայարաններուն փաստովը: Խնդրոյ նիւթ եղած է Հռիփսիմէ անունն ալ, որ ոչ լատինական եւ ոչ ալ հայկական ծագում կը ցուցնէ, սակայն բառի մը ստուգաբանութեան անստուգութիւնը չի կրնար պատմական ստուգութեան վնասել:

53. ԵԼՆ Ի ՎԻՐԱՊԷ

Հռիփսիմեանց նահատակութիւնը խոր յուզում եւ տպաւորութիւն թողուց Տրդատի վրայ, որ վեց օրեր խոր տխրութեան մատնուած մնաց, եւ երբ վեցերորդ օր ուզեց որսի ելլել, յանկարծ մոլեգնել սկսաւ, եւ ինքզինքը անզգայութեան տալով դաշտերը կը թափառէր, եւ հնար չէր ըլլալ զայն զսպել: Պալատականներէն շատեր ալ նմանօրինակ մոլեգնութեան նշաններ կը ցուցնէին: Ընդհանուր շփոթութեան մէջ Խոսրովիդուխտ, Տրդատի քոյրը, սկսաւ հռչակել թէ իրեն կրած տեսիլքին համեմատ, պէտք է Գրիգորը Արտաշատէն բերել որ հարուածեալները բժշկէ: Ծաղու արժանի կը սեպուէին Խոսրովիդուխտի խօսքերը, մինչեւ որ տեսիլքին հինգկնելուն վրայ, կ՚որոշուէր Օտա Ամատունին ղրկել Արտաշատ, որ իրօք կենդանի կը գտնէր 13 տարիէ ի վեր վիրապ նետուած Գրիգորը, եւ Վաղարշապատ կը բերէր, եւ ախտացելոց բժշկութիւնը կը կատարուէր նորա ձեռքով: Գրիգորի առաջին գործերէն մին կ՚ըլլար կուսանաց անթաղ մնացած մարմիններին ամփոփել, եւ թէպէտ ուրեք ըսուած է թէ ինն օրէ ի վեր այնպէս մնացած էին (ԱԳԹ. 117), սակայն յարմարագոյն է Յայսմաւուրաց հետ սահմի 10-ին հաշուել Գրիգորի վիրապէ ելնելը, որ կը պատասխանէ Նոյեմբեր 20-ին, Գայիանէի նահատակութենէն 13 օր ետքը: Պատմութեան այս մասը ոմանց կողմէ Նաբուգոդոնոսորի արկածին նմանողութեամբ յերիւրուած զրոյց մը կը կարծուի, սակայն եղելութիւնը, եթէ իր քերթողական զարդերէն մերկացնենք, գայլախտութիւն (lycanthropie) (14) կոչուած ծանօթ ախտին կը վերածուի, եւ շատ յարմար կու գայ Տրդատի հուժկու կազմին եւ բուռն կիրքերուն եւ տարօրինակ բնաւորութեան: Իսկ Լուսաւորչի վիրապի մէջ ապրիլը, իր հրաշալի երեւոյթէն զատ, կրնայ իբր Խոսրովիդուխտի բարեսիրտ եւ ճարտար հոգածութեան արդիւնք ընդունուիլ, որ եւս քան զեւս հաստատութիւն կը գտնէ, Օտա Ամատունիի` նորա հաւատարիմ խնամակալին գործակցութեամբը:

54. ԴԱՐՁԻՆ ՍԿԻԶԲԸ

Գրիգոր անմիջապէս իր առաքելական գործունէութեան կը ձեռնարկէ, իրաւ ալ յարմարագոյն պատեհ չէր կրնար գտնել արդիւնաւոր յաջողութիւն ունենալու համար: Հարուածեալներու, եւ առհասարակ ամէն սարսափահարներու, հնգօրեայ բացարձակ պահեցողութիւն մը կը հրամայէ, ուրկէ ետքը հարուածեալներուն բժշկութիւնը կը լրացնէ (ԶԵՆ. 25): Այս պահքին յիշատակն է Առաջաւորը, որ է առաջին պահք, զոր Լուսաւորիչ հրամայեց տարուէ տարի կատարել, յիշատակելով Նինուէացւոց ապաշխարութիւնն ալ, որուն նմանութեամբ հրամայած էր այդ առաջին պահքը(ԸՆԴ. 105): Ապաշխարողական միջոցը տակաւին 60 օր եւս կը շարունակէ, յորս Գրիգոր անընդհատ քարոզելով եւ աւետարանելով դարձողները կ՚ամրացնէ իրենց հաւատքին մէջ, եւ հետզհետէ անոնց թիւը կ՚աճեցնէ: Ընդարձակ կերպով կը բացատրէ աստուածային ստեղծագործութեան եւ նախախնամութեան ու փրկագործութեան խորհուրդները, քաղելով Հին եւ Նոր Կտակարաններու գլխաւոր կէտերը, եւ զանոնք նորահաւատ ժողովուրդին հասկացողութեան մօտեցնելով: Ժամանակագրական զննութիւններն ալ շարունակելով կը գտնենք, որ բժշկութիւնները կատարուած կ՚ըլլան ռահմի 16-ին, իսկ երկամսեայ քարոզութեանց լրումը կ՚իյնան քաղոց 16-ին, որ հռոմէական տոմարին պատշաճեցնելով կը հանդիպին Նոյեմբեր 26-ին, եւ յաջորդ 302 տարւոյ Յունուար 25-ին: Այդ վերջին թուականն է Լուսաւորչի մեծ տեսիլին օրը, կամ ուրիշ բացատրութեամբ Միածինին Իջման կամ Էջմիածինի օրը, ինչպէս որ ինքն Լուսաւորիչն հանդիսապէս պատմած է զայն նորահաւատ բազմութեան, ապաշխարութեան միջոցէն վերջը զայն հոգեւորապէս զօրացնելու եւ մխիթարելու համար: Էջմիածինը Հայոց եկեղեցւոյն համար հիմնական եւ նուիրական պարագայ մը լինելով, պատշաճ կը սեպնեք յառաջ բերել տեսիլին ամփոփումը:

55. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏԵՍԻԼՔԸ

Կէս գիշեր էր, կ՚ըսէ, Գրիգոր, դուք ամենքնիդ խոր քունի մէջ էիք. իսկ ես տակաւին արթուն` աստուածային նախախնամութեան վրայ կը խորհրդածէի, եւ ահա բոմբիւն ու թնդիւն մը լսեցի, եւ տեսայ որ երկինք կը բացուէր, լուսոյ շողեր կը ճառագայթէին, եւ այր մի կերպարանս լուսոյ, երկինքէն իջնելով զիս անունով կը կոչէր (ԱԳԹ. 382): Ասոր վրայ կը պատմէ թէ իջնողը Միածինն էր, որ ձեռքը ոսկեղէն ուռ մը ունէր, եւ մինչեւ արքունիքին մօտը գալով գետինը կը բախէր, եւ սանդարամետը կը դղրդեցնէր: Էջմիածնի մեծ մուտքը տակաւին Տրդատայ Դուռ կը կոչուի, որ արքունիքը կը յիշեցնէ: Մայր տաճարին ներքեւն ալ, որ դատարկ է ու կը հնչէ, Սանդարամետի գետնափոր տաճարին հին տեղը եղած է: Գրիգոր կը շարունակէ տեսիլքին մէջ ցուցուած Կաթողիկէին ձեւը նկարագրել: Սիւն մը արքունիքին մօտ, ոսկի ուռով բախած տեղը, խարիսխը ճախարակեայ եւ բլուրի մը չափ մեծ, վրան հրեղէն սիւն մը յոյժ բարձր անոր վրայ ալ ամպէ թակաղակ կամ խոյակ, եւ ամենուն վրայ լուսեղէն խաչ մը: Նոյն կերպով ու ձեւով ուրիշ երեք սիւներ ալ, առաջինէն ցած, այնպէս որ խաչով մէկտեղ մեծ սիւնին թակաղակէն վար կը մնային: Երեք փոքր սիւները կանգնուած էին Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի եւ Մարիանէի նահատակուած տեղերը: Չորս խաչերուն վրայէն չորս կամարներ նետուած էին մէկէն միւսը, կամարներուն վրայ խորանարդ գմբէթ մը, գմբէթին վրայ Աթոռ Աստուծոյ, զոր մարթ է իմանալ իբր գմբէթին լապտերը, եւ աթոռին վրայ դարձեալ մեծ խաչ մը: Տեսիլքին պարագաները դիտելով ոմանք ըսին թէ պարզապէս Էջմիածնի կաթողիկէին նկարագրութիւնն է, սակայն այն շատ հեռու է տաճարի մը նմանութենէն: Մերկ սիւներ դաշտի վրայ, մէկ սիւնը երեքէն բարձր, կամարներ խաչերուն վրայէն, գմբէթը խորանարդ, բնաւ Էջմիածնի տաճարին չեն նմանիր: Եթէ տեսիլքին մէջ սիւն ու կամար ու գմբէթ յիշուելէն կը հետեւցնեն, անոնք որեւէ շէնքի մէջ ալ կը գտնուին, եւ Գրիգոր կրնար լաւագոյն կերպով տաճար մը նկարագրել, վասնզի արդէն Կեսարիայի մէջ տաճարներ տեսած էր: Աւելի յարմար է ըսել, թէ Լուսաւորիչի տեսիլքը ոչ թէ տաճարի մը նկարագիրը կու տայ, այլ Էջմիածնի չորս տաճարներուն խորհուրդը կը բացատրէ:

56. ՏԵՍԻԼՔԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Լուսաւորիչի տեսիլքը երկրորդ մաս մըն ալ ունի, ինչպէս ինքն պատմած է: Նա տեսաւ որ ընդարձակ դաշտը լեցուն էր միասիւն սեղաններով, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ մի մի խաչ կայր: Գետ մը կ՚անցնէր դաշտին մէջէն, որուն մէկ կողմէն կու գային սեւ այծեր, եւ գետը անցնելով ճերմակ ոչխարներ կը դառնային, ոչխարներէն լուսակիզ գառներ կը ծնէին, որոնցմէ ոմանք թեւաւորուելով երկինք կը բարձրանային, մինչ ուրիշներ գայլերու կը փոխուէին եւ հրեղէն հեղեղով մը կը տարուէին ու կ՚անհետանային: Լուսաւորիչ ինքը մեկնած է, տեսիլքին մէն մի մասերը Հայոց եկեղեցւոյն պատշաճեցնելով, եւ աւելցնելով թէ հրաման եղած է իրեն, չորս սիւներուն տեղերը տաճարներ կանգնել, եւ կը հրամայէ ժողովուրդին որ պէտք եղած նիւթերը պատրաստեն: Եթէ տեսիլքին երկրորդ մասին նկատմամբ ալ ըսուի թէ եղելութեանց վրայ ձեւուած զրոյց մըն է. մենք կը յիշեցնենք, թէ պատմուած տեսիլքը տարօրինակ պարագաներ չունի, եւ կրնայ որեւէ եկեղեցւոյ ալ պատշաճիլ, զի մկրտութեամբ սրբուիլը, հաւատացելոց հետզհետէ աճիլը, ոմանց սրբութիւնը, եւ այլոց մեղաւորութիւնը, ամէն եկեղեցիներու վրայ ճշմարտուած կէտեր են: Լուսաւորիչը իր տեսիլքէն առիթ առած է նորահաւատ ժողովուրդին ընելիքը սորվեցնել, եւ ուղղութեան մէջ ապրելու յորդորել: Այս է էական կէտը:

57. ՎԿԱՅԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

Վիրապէն ելնելէն մինչեւ տեսիլքը անցնող 66 օրերը, կրնան համեմատուիլ Առաջաւորէ մինչեւ Զատիկ անցնող 10 շաբաթներու միջոցին: Անոր լրանալուն Գրիգոր կը սկսի եկեղեցական պէտքերու հոգացողութեան: Առաջին գործը պէտք էր ըլլար մեծ սիւնի տեղը մայր-տաճարը կանգնել, բայց զայն կը յետաձգէ Գրիգոր մինչեւ հովիւ եւ վարդապետ ի տուուչութենէ բարերարութեան Աստուծոյ պարգեւեսցէ (ԱԳԹ. 395), որովհետեւ շինուելիք տաճարին տեղը մեհեան էր, եւ պէտք էր նախապէս ծիսական օրէնքով նուիրագործել, անոր համար բաւական կը սեպէր քաղաքորմով փակել, մեծ խաչ մը կանգնելով մէջտեղը: Իսկ կոյսերուն վկայութեան տեղերը անոնց արիւնով սրբուած եւ նուիրագործուած էին. ուստի անմիջապէս ձեռնարկեց անոնց վկայարանները կանգնել: Նախ սուրբերուն մարմինները պատեց ու արկղագործ տապաններու մէջ փակեց, եւ վկայարաններուն ներքեւը զետեղեց, եւ վրանին պատշաճաւոր տաճարներ կառոյց երեք տեղերն ալ, ուր նահատակութիւնները կատարուած էին: Այդ տաճարներ դարուց ի դարս պահուած եւ մնացած են մինչեւ ցայժմ, Ս. Հռիփսիմէի եւ Ս. Գայիանէի տաճարները իրենց անունով կը մնան: Երրորդը Ս. Շողակաթ անուն կը կրէ, իսկ այնտեղ նահատակուող Մարիանէ կոյսին անունը` միայն աւանդութեամբ ծանօթացած է: Գերեզմանն ալ միւսներէն տարբեր, հողին երեսէն վեր է: Իսկ Շողակաթ անունը, որ Լուսաւորչի տեսիլքին ալ տրուած անունն է, կը ցուցնէ թէ Գրիգոր կոյսերուն բնակութեան հնձանը իրեն սովորական բնակավայր էր ըրած եւ այն տեղէն տեսաւ լուսեղէն շողերուն կաթիլը եւ Միածնին իջնալը: Երեք տաճարները այսօր ալ կանգուն են, թէպէտ նոյնիսկ Լուսաւորչի շինածները չեն: Հռիփսիմեանց տաճարը Կոմիտաս կաթողիկոս, եւ Գայիանանցը Եզր կաթողիկոս վերաշինեցին Է. դարուն մէջ: Իսկ Շողակաթը` Նահապետ կաթողիկոս վերաշինած է ԺԷ. դարուն վերջերը: Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց տաճարներուն ներքեւ գետնափորներ կան մեծամեծ քարերով շինուած, եւ ասոնց մէջն են կուսանաց ոսկորները: Ասոնց գոյութիւնը վերջի ժամանակներ ստուգուեցաւ. Հռիփսիմեանցը` Լատին կրօնաւորներու փորձած գողութեան առթիւ (ԴԱՎ. 237), եւ Գայիանեանցը` Յովհաննէս աբեղայի հետաքրքիր խուզարկութեան հետեւանօք (ԴԱՎ. 251):

58. ՄԵՀԵԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՆԴՈՒԻԼԸ

Երբոր այդ վկայարանները կը շինուէին, միւս կողմէն Գրիգոր ու Տրդատ քրիստոնէութեան տարածուելուն կը հետապնդէին: Տրդատ իր թագաւորական իշխանութեամբ քրիստոնէութիւնը իբր արքունիքին եւ երկրին պաշտօնական կրօնքը կը հռչակէր, հեթանոս կռապաշտութեան խափանուիլը կը հրամատուէրներ կու տար որյէր, եւ կարեւոր պապէսզի քանդուին ու կործանուին չաստուածներու մեհեանները, որոնք մնալով կրնային ժողովուրդին գայթակղութեան առիթ ընծայել: Այդ նպատակով նոյնինքն Գրիգոր պետական պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ գործադրութեան կը ձեռնարկէր, եւ Վաղարշապատէ մեկնելով նախ կը կործանէր Մեծամօրի մօտ Երազամոյն կոչուած տեղը` Տիրի մեհեանը, անկէ ետքը Արտաշատի մէջ եղող Անահիտի տաճարը: Արարատի գաւառին պտոյտը լրացնելով կ՚անցնէր դէպ արեւմուտք Եկեղեաց կողմերը, եւ հետզհետէ կը քանդէր, Թորդանի մէջ Բարշամինայ, Հանի ամրոցին մէջ Արամազդայ, Երէզ քաղաքին մէջ Անահիտի, Թիլ աւանի մէջ Նանէի, եւ Բագառիջ գիւղի մէջ Միհրի մեհեանները: Պատմութիւնը այսչափ ինչ յանուանէ կը յիշէ, եւ չի շարունակեր Գրիգորի ուրիշ տեղեր ալ կատարած գործերը: Ամէն տեղ շէնքերը կը կործանէին ու կուռքերը կը փշրէին, եւ աւերակին վրայ խաչ մը կը կանգնէին: Ինչչափ որ ոսկի ու արծաթ ու հարստութիւն կը գտնէին, կը գրաւէին ու աղքատներու կը բաշխէին, իսկ գիւղերը իրենց գետիններով եւ շինուածներով, որ առաջ մեհեաններուն կալուածներ էին, անոնց տեղ կանգնուելիք եկեղեցիներու կը սեփականէին (ԱԳԹ. 408): Քուրմերուն կոտորուելուն ակնարկութիւն չկայ այդ առաջին քարոզութեանց ժամանակ: Իսկ դեւերուն Կաւկասի եւ Խաղտեաց լեռները փախչելուն բացատրութիւնը կը ցուցնէ, թէ հեթանոսութեան պաշտպաններ առաւելապէս հիւսիսային կողմերը կը գտնուէին: Քննադատներէն ոմանք կծու կերպով կը մեղադրեն Տրդատն ու Գրիգորը, թէ այդ կործանումներով հնաւանդ յիշատակներու ջնջուելուն պատճառ եղան: Մենք կը բաւականանանք դիտել, որ Հայաստան սեփական դրութիւն չունենալով այդ կողմէն մեծ կորուստ մը չէր կրնար կրել, եւ թէ մեհեաններու կործանումը նոյնիսկ Յունաց ու Հռոմայեցւոց մէջ ընդհանրացած զգուշաւորութիւն էր, ժամանակին զգացումներուն համաձայն:

59. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Մտադրութեան արժանի եւ նորօրինակ պարագաներու ներքեւ կատարուած եղելութիւն մըն է քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ տարածուիլը: Պատմութիւնը բնաւ եկեղեցական պաշտօնէի մը ներկայութիւնը չի յիշատակէր, այլ միայն աշխարհական մը եւ թագաւոր մըն են որ ձեռք ձեռքի տուած, եւ բուռն աշխոյժով մղուած, երկրին կրօնական կերպարանը կը փոփոխեն, եւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնքի դիրքին կը բարձրացնեն: Հնար չէ ըսել որ երկրին մէջ բնաւ եկեղեցական չէր գտնուեր, Հռիփսիմեանց հետ երկու քահանաներ կը յիշուին, որք Վարագի Ուրբաթայրքի մէջ պաշտամունք կը կատարէին (ԽՈՐ. 302), Սուրէնաշէնի Դասիոս քահանան ալ յիշեցինք 39), Արտազու եւ Սիւնեաց աթոռներն ալ հնար չէր որ բոլորովին առանց քահանայի մնացած ըլլային: Սակայն կ՚երեւի թէ այդ մնացորդները որոնելու իսկ հոգ չտարուեցաւ: Տրդատ, իր թագաւորական իշխանութեամբը կը գործէր, եւ քրիստոնէութիւնը իբր իր մէկ ձեռագործը կը նկատէր, ուստի ոչ թէ հին մնացորդներու վրայ կանգնուած, այլ իբր նոր հիմնարկութիւն մը ուզեց զայն կերպաւորել, եւ իրեն ձեռնհասութեան յատուկ իշխանական գործի մը պէս զայն վարեց, եւ պետական հրամաններով զայն զօրացուց: Բայց միւս կողմէն յայտնի կը տեսնուի թէ Տրդատի գործը մեծ յաջողութեան հանդիպեցաւ, առաքելական ժամանակի քրիստոնէութեան մնացորդներուն` գաղտնութենէ յայտնութեան գալուն եւ թաքստոցներէ հրապարակ ելնելուն շնորհիւ: Պատմական յիշատակներ խնամով ուսումնասիրուած ատեն կը ցուցնեն, թէ նոյնիսկ 302 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի ամէն կողմերը անհակառակ տարածուած էր: Ինչչափ ալ թագաւորական հրամանին զօրաւոր ոյժ տալ ուզենք, բայց յանկարծ միտքերուն վրայ իշխելու արդիւնքը չէր կրնար ունենալ, եթէ նոր կրօնքը արդէն իր սերմերը չունենար երկրին ամէն կողմերը. եւ եթէ զայն պաշտողներ եւ անոր համակրողներ, թէպէտ ցրիւ ու ծածուկ, գոյութիւն ունեցած չըլլային: Քրիստոնէութեան յեղակարծ` բայց կատարեալ յաղթանակը Հայաստանի մէջ, զօրաւոր փաստ մըն է, թէ առաքելական քարոզութեան հետքերը ջնջուած չէին, մանաւանդ թէ բաւական կարեւոր դիրք ունէին, մոխիրի ներքեւ ծածկուած կայծերու նման կը պահուէին, եւ դիւրաւ յայտնուեցան ու փալփլեցան` երբոր ահ ու սարսափի եւ հալածանքի մոխիրը փարատեցաւ ու ցրուեցաւ:

60. ԳՐԻԳՈՐԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Բայց այս վիճակը չէր կրնար յարատեւել: Եկեղեցական պաշտօնէութիւնն ու նուիրապետութիւնը անհրաժեշտ են քրիստոնէական կեանքին համար, եւ Տրդատ ալ պէտք զգաց թէ հովուապետ մը ունենալու են, եւ եկեղեցական պաշտօնէութիւն մը կազմակերպելու են, որովհետեւ ինքզինքը քրիստոնեայ կարծող բազմութիւնը` տակաւին ոչ մկրտուած էր եւ ոչ ալ հոգեւորական մխիթարութիւն կը վայելէր: Այդ մասին կ՚երեւի թէ Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտ արքայաքոյրն ալ դեր ունեցած են, որ յանուանէ կը յիշատակուին (ԱԳԹ. 412): Ընտրելի անձին վրայ վարանման տեղի չկար, Տրդատ ալ իր նախաձեռնութեան մէջ անկաշկանդ էր, բայց տակաւին հարկ եղաւ երկրին մեծամեծները ժողովի գումարել հովիւ ու առաջնորդ մը ընտրելու համար: Այդ ընտրողական գործողութիւնը նշանաւոր է այնու, որ մեր ազգային եկեղեցւոյ հնաւանդ օրէնքը կը հաստատէ, եւ եկեղեցական պաշտօնէից ընտրութեան մէջ ժողովրդական ձայնին անհրաժեշտութիւնը կ՚ապացուցանէ: Ընտրեալը ձեռնադրուելու համար պատշաճ համարուեցաւ յղել Կեսարիա, եւ Տրդատ հրովարտակ մըն ալ գրեց Ղեւոնդիոս արքեպիսկոպոսին, իբր ընծայագիր ի դիմաց ազգին, եւ թագաւորական հանդերձանքներով եւ 16 նախարարներու ընկերակցութեամբ զայն ճամբայ հանեց: Ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ Կեսարիոյ մէջ ժողովով եպիսկոպոսաց, եւ Գրիգոր հետզհետէ ստացաւ զպատիւ խոնարհութեան քահանայութեան, եւ զբարձրութիւն եպիսկոպոսութեան (ԱԳԹ. 420), որ է ըսել թէ' պարզ քահանայութեան եւ թէ' եպիսկոպոսութեան ձեռնադրութիւնները:

61. ԱԹՈՌՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Այդ ձեռնադրութիւն ընդունելու պարագային ոմանք ուզած են այնպիսի իմաստ մը տալ, իբր թէ անով Հայաստան Կեսարիոյ աթոռին ենթարկեալ վիճակ մը եղած ըլլայ (ԳԷԼ. 41): Սակայն ոչ մի նշան եւ ոչ մի փաստ հնար չէ գտնել այդ մեկնութիւնը հաստատելու, եւ պատմութեան ընթացքն ալ երբեք այդ ենթադրութեան չի նպաստեր: Աթոռներու կազմակերպութիւնը եւ դասակարգութիւնը հետզհետէ հաստատուած բան մըն է եկեղեցւոյ մէջ, եւ ըստ ամենայնի օրինակուած է քաղաքական բաժանմանց եւ դասակարգութեանց վրայ: Եպիսկոպոսական եւ մետրապոլտական եւ պատրիարքական աթոռները, յամենայնի եւ ըստ ամենայնի կը համապատասխանեն քաղաքական վարչութեան կազմած գաւառներու, նահանգներու եւ բդեշխութեանց: Առաքելոց ժամանակ աթոռներ ցրիւ հաստատուեցան, իսկ անոնց դասակարգութիւնը հետզհետէ կազմուեցաւ քաղաքական իշխանութեան դասակարգութեան համեմատ: Ամէն գաւառ, այսինքն քաղաք մը իր շրջականերով` եպիսկոպոսարան մը եղաւ, նահանգագլուխ քաղաքներ մետրապոլտութիւններ դարձան, եւ ուր որ մեծ բդեշխութիւններ կային պատրիարքութեան բարձրացան: Այդ դասակարգութիւնը իր նշանակութիւնը ստացած էր Հռոմէական կայսրութեան մէջ` չորրորդ դարուն սկիզբները: Հռոմ, բնիկ հռոմէական եւ արեւմտեան երկիրներու պատրիարքարանն էր ճանչցուած, ինչպէս Աղեքսանդրիա եւ Անտիոք ալ նախկին Պտղոմեան եւ Սելեւկեան ինքնակալութեանց կեդրոններն էին եղած, եւ Հռոմէական կայսրութեան ներքեւ ալ իրենց ամփոփ ձեւը պահած էին, իբր մեծ բդեշխութիւններ, Եգիպտոս եւ Արեւելք անուններու ներքեւ: Այս երեքէն զատ երեք եւս մեծ աթոռներ էին Կեսարիա եւ Եփեսոս եւ Հերակլիա քաղաքները, որոնք Պոնտոսի եւ Ասիոյ եւ Թրակիոյ բդեշխութեանց կեդրոններն էին: Այդ ամէնը կ՚ապացուցուի երբոր քաղաքական ու եկեղեցական գաւառացուցակները իրարու կը բաղդատուին, եւ իրարու կատարելապէս համապատասխան ըլլալնին կը տեսնուի: Հետեւաբար բոլորովին մտացածին է առաքելոց անուններուն հետ կապել պատրիարքութեանց ծագումը, եւ բոլորովին բռնազբօսիկ է Հռոմէականաց պնդելը, թէ Հռոմ պատրիարքութիւն ճանչցուած է Պետրոսի գերեզմանովը, Անտիոք` Պետրոսի այնտեղ առժամաբար մնալովը, եւ Աղեքսանդրիա Պետրոսի աշակերտ Մարկոսէ սկսելովը:

62. ԻՆՔՆԱԳԼԽՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԵՐԸ

Աթոռներու ծագումին այդ սկզբունքը կը ծառայէ անոնց իւրաքանչիւրին իրաւասական սահմաններն ալ գծելու: Հետեւապէս կրնանք եզրակացնել, թէ Պոնտոսի աթոռը կամ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսը, Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն դուրս իրաւասութիւն եւ իշխանութիւն չունէր: Վասնզի Հայաստան ազատ եւ ինքնագլուխ տէրութիւն էր, եւ որչափ ալ Հռոմէական կայսրութեան հովանաւորութենէն կ՚օգտուէր, սակայն ոչ անոր հարկատու, ոչ հպատակ, եւ ոչ ալ գերիշխանութեանը ենթարկեալ երկիր էր, այնպէս որ ազատօրէն երբեմն Հռոմայեցւոց եւ երբեմն Պարսից հովանաւորութենէն կ՚օգտուէր: Եւ ոչ ալ Հայոց դարձը Կեսարիոյ եկեղեցիէն ղրկուած քարոզիչներու ձեռքով կատարուած էր, որ առիթ ընծայէր տեսակ մը եկեղեցական աշխարհակալութեան իրաւունքին, որով առաքելական եկեղեցիներ քրիստոնէութիւնը ընդարձակելու աշխատեցան, եւ նորահաւատ երկիրներու մէջ իրենց իրաւասութեան ներքեւ աթոռներ հիմնեցին: Հայոց դարձին մանրամասնեալ եւ վաւերական պատմութիւնն ալ բացէ ի բաց կը հերքէ Կեսարիոյ աթոռին նախաձեռնութիւնը, զոր յետիններ ենթադրական կերպով ուզեցին մէջտեղ նետել: Արդէն Հայաստան առաքելական քարոզութեամբ քրիստոնէութիւնը ճանչցած եւ հովուական աթոռ ալ ունեցած էր, եւ Կեսարիա չէր կրնար յայլոյ հիման վերայ, ուր արդէն անուանեցաւ Քրիստոս(ՀՌՄ. ԺԵ. 20) իբր ի նորոյ քրիստոնէութիւն եւ աթոռ հիմնել: Արդար ըլլալու համար պէտք է յայտարարել` թէ Կեսարիոյ աթոռն ալ այս տեսակ յաւակնութիւն չունեցաւ, այլ մտադիւր ճանչցաւ Հայոց առաքելական ինքնագլուխ աթոռը, եւ Գրիգորի գրելով խոստովանեցաւ, թէ Քեւ ծագեաց արեգակն արդարութեան Քրիստոս ի դոսա, եւ դու ընտրեցար ի տեղի ընտրելոց սրբոց առաքելոյն Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի (ԶԵՆ. 10): Կեսարիա ուրիշ մէկ գիրի մէջ ալ ձեռնադրութեան տուուչութիւնը նկատեց իբր վկայութիւն ի մէջ երկոցունց կողմանց (ԱԳԹ. 431), որ է իբր փոխադարձ սիրոյ նշանակ: Հոգ չէ որ Ղեւոնդիոսի նամակներուն վաւերականութեան վրայ դիտողութիւններ կարենան յարուցուիլ, ամէն առթի մէջ անոնք հին գրութիւններ են, որ երկու կողմերուն համոզումները կ՚ապացուցանեն: Բոլոր պատմական պարագաներն ալ կը հաստատեն, թէ ոչ Ղեւոնդիոս եւ ոչ անոր յաջորդ Կեսարիոյ հայրապետներ, երբեք Հայաստանի վրայ եկեղեցական իշխանութիւն չգործածեցին եւ գործածել չձեռնարկեցին, այլ Լուսաւորիչ եւ անոր յաջորդներ ինքնագլուխ եւ անկախօրէն հովուեցին, եւ եկեղեցւոյ պէտք եղած կարգադրութիւնները հաստատեցին: Հետեւաբար Գրիգորի Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն ընդունիլը երբեք իրաւասական ծագում չունէր, եւ ոչ ալ իրաւասական հետեւանք ունեցաւ, եւ եթէ նոյն պահուն Հայաստանի մէջ ձեռնադրութիւն կատարելու բաւական թուով եպիսկոպոսներ չգտնուիլն ալ ընդունինք, տակաւին կը մնայ այն իբրեւ պատահական մի պարագայ, որ յառաջ եկած է կամ Գրիգորի Կեսարիոյ մէջ ունեցած անձնական յիշատակներէն եւ յարաբերութիւններէն, եւ կամ Տրդատի` գործին շքեղութիւն տալու փափաքէն:

63. ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ 302 տարւոյ, առաջին ամիսներուն մէջ: Այդ թուականը ոչ մի արգելք չի գտներ, հալածանաց հրատարակութեամբ` Կեսարիոյ մէջ այսպիսի հանդիսաւոր գործողութեան մը կրելիք դժուարութենէն: Ոչ միայն հնար է դիտել թէ հալածանքներ երբեք եկեղեցական ձեռնադրութեանց արգելք չեն եղած, եւ առառաւելն ձեռնադրութեան հանդերձանքին վրայ կրնան դիտողութեան տեղի տալ, այլ առաւելապէս մտադրութեան արժանի է գիտնալ, թէ Դիոկղետիանոսի հալածանքը այդ թուականէն տարի մը ետքը, 303 փետրուարի վերջը, հրամայուեցաւ Նիկոմիդիոյ մէջ, եւ ժամանակ մըն ալ անցաւ մինչեւ որ գաւառները տարածուէր: Իսկ անկէ առաջ քրիստոնեայք կատարեալ խաղաղութիւն կը վայելէին Արեւելքի մէջ, միայն պատահաբար եւ անձնական պարագայից առիթներով գաւառապետներ քրիստոնեաներէ ոմանց վրայ կը բռնանային, հին օրէնքներէ օգտուելով: Այդ կարգէն է նաեւ Գրիգորի աներձագին, Փիլաքթովիոյ քորեպիսկոպոս Աթանագինէսի նահատակութիւնը, որ տեղի ունեցած էր կեղծ նամակի մը մասին, իր աշակերտներէն մէկուն ըրած անհիմն զրպարտութեան վրայ (ՎՐՔ. Դ. 347): Գրիգորի Կեսարիայէ բերած գլխաւոր յիշատակը Ս. Կարապետի մասունքն է, որ ըստ աւանդութեան Երուսաղէմէ Եփեսոս բերուած էր Պօղիկարպոսի ձեռքով, եւ Եփեսոսէ Կեսարիա բերուած ու պահուած էր Փիրմիլիանոսի ձեռքով, եւ մինչեւ հիմա ալ կը պատուուի Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ: Այդ մասունքէն մաս մը ուզեց Գրիգոր մէկտեղ տանիլ. եւ թէպէտ Ղեւոնդիոս հաճեցաւ, բայց ժողովուրդին կողմէն դժուարութիւն յայտնուելուն վրայ, Հայ նախարարներ պարտաւորուեցան մաս մը զօրութեամբ եւ մաս մը նուէրով գործը յաջողցնել (ԶԵՆ. 24): Ս. Կարապետին մասունքէն զատ Գրիգոր ստացաւ մաս մըն ալ իր ազգականին Ս. Աթանագինէսի մասունքէն, եւ այնուհետեւ այս երկու անուններ անբաժան միացած կը մնան ազգային յիշատակներու մէջ, եւ տարեկան տօնախմբութիւն ալ ունին (ՏՕՆ. 155):

64. ՏԱՐՈՆԻ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ

Կեսարիայէ մեկնելով Գրիգոր հանդիպեցաւ Սեբաստիա, հաւաքել զդասս կրօնաւորաց (ԶԵՆ. 24), բայց թերեւս ազգակցական յարաբերութիւններ ալ նորոգելու, կամ որովհետեւ անդ գտանէր բազմութիւն եղբարց (ԱԳԹ. 420), զի կրօնաւորաց պէտքը առաւելապէս Կեսարիայի մէջ կրնար հոգալ: Գրիգորի հետ եկողներուն մէջ կը յիշուին Դկլաւիոս Աղեքսանդրացի, Սուրտինոս Եփեսացի եւ Զենոբ Գլակ Ասորի (ԶԵՆ. 25), եւ ասոնցմէ զատ բազում գունդս գունդս յաճախեալ առնոյր ընդ իւր (ԱԳԹ. 421), հարկաւ զանազան քաղաքներէ հաւաքելով, եւ անոնց հետ կը մտնէր Հայաստան` Նիկոպոլիսի եւ Երզնկայի գիծով: Հայաստանի հարաւակողմը կռապաշտութեան զօրաւոր կեդրոն մըն էր, եւ Գրիգոր ձեռնադրութենէ առաջ այն կողմեր չէր եկած, ուստի փոխանակ շիտակ Վաղարշապատ երթալու, Տարոն իջաւ, որ այնտեղի մեհեաններուն ալ կործանման աշխատի. Կուարսի մօտ Իննակնեան բագիններուն վրայ` եւ Աշտիշատի մէջ Վահեւանեան մեհեանին վրայ կանոնաւոր պատերազմի պարտաւորուեցաւ, քուրմերու խումբերուն զէնքի զօրութեամբ դիմադրելուն պատճառով: Մեհեաններու տեղերը հիմնարկեց Գրիգոր Հայոց նախնական եկեղեցիները, զի այլեւս եկեղեցական պաշտօնակատարութեանց պէտք եղած աստիճաններն ունէր: Ս. Կարապետի տաճարը հիմնարկեց Իննակնեան բարձրաւանդակին վրայ Քարքէի ոտքը (ԶԵՆ. 36), եւ Ս. Երրորդութեան Մայր Եկեղեցին Աշտիշատի մէջ (ԱԳԹ. 424): Այս տեղերը զետեղեց Գրիգոր մէկտեղ բերած մասունքներուն կտորները, նախ բրտեայ կամ քարեայ առնաչափ տապաններու մէջ դնելով, եւ ապա տապանները հողին մէջ թաղելով: Հին դարերու մէջ սրբոց նշխարները միմիայն գերեզմանի դիրքի մէջ կը պատուուէին, եւ եթէ տեղափոխուէին ու բաշխուէին ալ, նորէն գերեզմանի ձեւի կը վերածուէին, եւ սովորութիւն չէր մասնատուփերու կամ որեւէ շարժական ձեւի ներքեւ պահել սրբոց ոսկորները: Ս. Կարապետի եւ Ս. Աթանագինէսի ձեւացուած գերեզմանները, առաջին անգամ եւ գլխաւոր մասունքներով դրուեցան Իննակնեան Ս. Կարապետի մէջ, որ եղաւ Հայոց մեծ ուխտատեղին, եւ Ս. Յովհաննէս Կարապետն ալ ընդունուեցաւ իբր Հայոց աշխարհին երկնաւոր պաշտպանը: Սոյն սուրբերուն գերեզմանները կը գտնուին միեւնոյն Մշոյ դաշտին մէջ Եղրդուտի Ս. Յովհաննէսի եւ Մատնավանքի Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն մէջ, ուրտեղեր փոքր մասեր զետեղած է Գրիգոր: Թէպէտ այդ վերջին զետեղումները Զենոբ ու Ագաթանգեղոս չեն յիշած, բայց անոնք դարուց ի դարս անեղծ պահուած են, եւ այսօր իսկ կը տեսնուին: Իսկ մասունքներուն վերջին կտորները դրուեցան Բագրեւանդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյն մէջ (ԱԳԹ. 433): Լուսաւորչի Տարոն եղած միջոցին հանդիպեցաւ Ամանորի աշխարհատօնը` որ կը կատարուէր նաւասարդի մէկին, (ԶԵՆ. 35), եւ որ 302 տարին կ՚իյնար Սեպտեմբեր 12-ին: Գրիգոր հեթանոսական մեծ տօնը քրիստոնէական տօնախմբութեան փոխեց, եւ Ս. Կարապետի տաճարին մէջ նոր մկրտուածներ համախմբելով եկեղեցական հանդէս կատարեց, եւ հրամայեաց ամյամէ ի նմին տեղւոջ ժողովեալ ամենեցուն զյիշատակ սրբոցն տօնախմբել (ԱԳԹ. 425): Գրիգոր Տարոն գտնուած միջոցին շարունակ մկրտութիւններ կատարեց, եւ յատկապէս կը յիշուին Կուարսցիներ, եւ Արածանիի մէջ մկրտուած 5050 հոգիներ, եւ քահանաներու ձեռքով ձորամիջի մէջ առանձինն մկրտուած կիներ (ԶԵՆ. 35), որոնց գումարը 19 բիւր կամ 190, 000 կը յիշուի (ԱԳԹ. 425):

65. ՏՐԴԱՏԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Գրիգոր մինչեւ սահմի 7, կամ Նոյեմբեր 17 Տարօնի մէջ մնալէ, եւ նահանգին ամէն կողմերը քրիստոնէութիւնը ամրացնելէ ետքը, ճամբայ ելաւ երթալ Բագրեւանդ, ուր էր Բագաւանը կամ Դիցաւանը, հեթանոսական պաշտամանց մեծ կեդրոններէն մին, եւ բոլոր անցած տեղերը, շինէր եկեղեցիս եւ առնէր մկրտութիւն եւ կացուցանէր քահանայս (ԱԳԹ. 426): Տրդատ, որ անհամբեր կը սպասէր Գրիգորի դարձին, այլեւս չժուժեց անոր հասնելուն, եւ ինքը փութաց զայն դիմաւորել Բագաւանի մէջ իր ընտանեօք եւ աւագանիով: Սրտաշարժ եղաւ իրերաց հանդիպումը, եւ անմիջապէս ձեռնարկեցին հոգեւորական մխիթարութեանց, եւ ամսօրեայ ժամանակաւ ի պահս եւ յաղօթս անցնելէ ետքը, Տրդատ եւ Աշխէն եւ Խոսրովիդուխտ, եւ ամենայն մարդիկ բանակին մկրտուեցան Եփրատ գետի Արածանի ճիւղին մէջ, ուր ցարդ կը ցուցուի սեպացեալ քար մը Տրդատի արձան անունով: Մկրտուածներու թիւը 400 բիւր ըսուած է. որ է 4 միլիոն, այլ պէտք է այս թիւը բոլոր այդ միջոցին զանազան կողմեր մկրտուածներուն վրայ տարածել, եւ ոչ թէ նոյն օր մկրտուածներուն վրայ, վասնզի այդ թիւը դրուած է յայնմ աւուրս մկրտուած այր ու կին ու մանուկ ի միասին հաշուելով (ԱԳԹ. 435): Տարոնէ մեկնելնուն թւականը եւ ամսօրեայ պատրաստութիւնն ալ հաշիւի առնելով, կրնանք հետեւցնել թէ Տրդատի մկրտութիւնը տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր օր մը, 303 Յունուար 6-ին, Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան յիշատակի տօնին: Տրդատի մկրտութենէն ետքը եօթն օր եւս մնացին Բագաւան, եւ ճամբան ամէն տեղեր մկրտութիւններ եւ ձեռնադրութիւններ եւ շինութիւններ կատարելով հասան Վաղարշապատ, եւ անմիջապէս ձեռնարկեցին սրբոյ Կաթողիկէին շինութեան, Սանդարամետի մեհեանին տեղը, ուր Միածինն իջած, եւ ոսկի ուռով Մայր տաճարին տեղը ցուցուցած էր:

66. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷՆ

Մայր տաճարը նուիրուած է յանուն Ս. Աստուածածնի, որուն գլխաւոր եւ միակ հնաւանդ տօնը ննջման կամ փոխման տօնն էր, զոր Վերափոխում կը կոչենք այժմ, եւ զոր ուրիշ եկեղեցիներ Օգոստոս 15-ին կը տօնեն, իսկ մենք մերձաւորագոյն կիրակէն: Տօնին նախընթաց Շաբաթ օրը կը յիշատակենք Շողակաթը, որ Լուսաւորչի տեսիլքին տօնէն տարբեր է, քանի որ այն արդէն Հոգեգալստեան երկրորդ Կիրակիին կը տօնուի: Շողակաթի տօնը Էջմիածնի Մայր տաճարին նաւակատեաց յիշատակն է, ինչ որ կը հետեւի Ս. Աստուածածնի տօնին յարակցած ըլլալէն: Այդ խորհրդածութեան վրայ հիմնուելով կը հետեւցնենք, թէ Էջմիածնի Մայր տաճարին շինութիւնը, 303 տարւոյ Փետրուարէն մինչեւ Օգոստոս աւարտած, եւ նաւակատիքը կատարուած է տօնին օրը, Օգոստոս 15-ին, որ նոյն տարին ճիշդ Կիրակի օր հանդիպած է: Շինութեան ժամանակամիջոցը պէտք չէ համառօտ նկատուի, քանի որ նիւթերը արդեն պատրաստ էին, եւ շինուածն ալ շատ մեծագործ չէր, եւ ամենայն հաւանութեամբ` մասամբ ալ փայտակերտ էր, եւ նորահաւատ ժողովուրդին փափաքն ու ջանքը սաստիկ էր (15): Անհաւանական չէ եւս կարծել, թէ հին Սանդարամետի մեհեանին հիմերէն ալ կրցան օգտուիլ: Հայեր երբեք կասկած կամ տարբեր կարծիք չեն ունեցած` Հայ եկեղեցւոյ Մայր տաճարին տեղւոյն, եւ զայն ճանչցած են միշտ Վաղարշապատի մէջ, ուր դարձն ալ սկսաւ, ուր Միածնի իջման տեսիլքն ալ տեղի ունեցաւ: Հետեւաբար ընդունելի չի կրնար ըլլալ, վերջերս մէջտեղ դրուած կարծիք մը, թէ Հայոց Մայր եկեղեցին առաջ Աշտիշատի եկեղեցին էր, եւ շատ ետքը Վաղարշապատի եկեղեցին եղաւ (ԳԷԼ. 45): Այդ կարծիքին բոլոր փաստը միմիայն Բուգանդի անցողակի մէկ խօսքն է, որ Աշտիշատի եկեղեցին յիշելով կը գրէ, ի մեծն յառաջին ի մայրն եկեղեցեացն Հայոց, որ էր յերկրին Տարոնու (ԲԶՆ. 7) եւ դարձեալ, ի մեծն եւ նախ զառաջին եկեղեցին ի մայր եկեղեցեացն ամենայն Հայաստանեայց (ԲԶՆ. 36): Բայց Մայր եկեղեցի անունը Աշտիշատին տրուեցաւ` Լուսաւորիչի Կեսարիայէն դառնալէն ետքը առաջին անգամ հիմնուած ըլլալուն, եւ ոչ թէ կաթողիկոսներու աթոռանիստ կամ կաթողիկէ եկեղեցի ըլլալուն համար: Նոյնիսկ Բուզանդ նախեկեղեցի անունը կու տայ Աշտիշատի, եւ բացատրաբար ալ կը յաւելու, թէ յառաջ նախ անդ շինեալ էր զսուրբ եկեղեցին (ԲԶՆ. 37): Առանց այս բացատրութեան ալ Բուզանդի երկու բառերը չէին կրնար ընդարձակ պատմութիւնները եւ նախնական աւանդութիւնները եղծանել: Այլ եւ հնար չէ ենթադրել որ ազգին հայրապետը տէրութեան մայրաքաղաքէն հեռու տեղ մը աթոռ հաստատած ըլլայ: Նոյնիսկ Բուզանդի վերեւ յիշուած խօսքերէն է, թէ զայնու ժամանակաւ երթեալ հասանէր եպիսկոպոսապետն Վրթանէս ի մեծն եւ այլն, որով կը յայտնուի թէ կաթողիկոսին աթոռանիստը Աշտիշատ չէր, այլ պատահաբար այնտեղ կ՚երթար Լուսաւորչէն հաստատուած 64) աշխարհատօն հանդէսին նախագահելու համար:

67. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՔ

Լուսաւորիչի հովուական հոգածութիւնը չէր կրնար լոկ նիւթական շինութիւններով վերջանալ, պէտք էր որ եկեղեցին իր բարոյական եւ կանոնական եւ ծիսական կազմուածովը նորինորոյ պատրաստուէր: Որչափ ալ առաքելական քարոզութիւնն ու յաջորդութիւնը` եկեղեցւոյն ծագումն ու ինքնագլխութիւնը կ՚ապահովէին, սակայն երկրին քաղաքական կացութիւնը եւ հալածանքներուն պատճառած տագնապները թոյլ չէին տուած Հայ եկեղեցւոյն իր օրինական կազմակերպութիւնն ստանալ. նոր առաքելութիւն մըն էր Գրիգորի ըրածն ու ընելիքը, ինչ որ Երկրորդ Լուսաւորիչ անունն ալ կը յայտնէ: Նորա առաջին հոգերէն մին եղաւ պաշտօնեաներ ձեռնադրել երկրին ամէն կողմերուն համար: Քահանաներու, սարկաւագներու եւ անագանոսներու համար գրուած է թէանթիւք էին ի բազմութենէն (ԱԳԹ. 448), միասին համրելով հարկաւ ուրիշ եպիսկոպոսներէ ալ ձեռնադրուածները, որոց իւրաքանչիւրն իր վիճակին պէտքերը հոգալու պարտաւոր էր: Իսկ եպիսկոպոսներուն թիւը աւելի քան զչորեքհարիւր ըսուած է (ԱԳԹ. 448), եւ բնաւ չափազանց չէ այդ թիւը: Եթէ իւրաքանչիւր գաւառ իր եպիսկոպոսը պիտի ունենար, երկու հարիւրի կը հասնին Մեծ Հայոց գաւառները, մեծ գաւառներ օգնականներու պէտք ունէին, առաքելական պաշտօններ եւ հայրապետանոցի գործերն ալ` յատկապէս որոշուած եպիսկոպոսներ կը պահանջէին: Բաց աստի Գրիգորի առաքելական պաշտօնը տարածուեցաւ Վրաց եւ Աղուանից երկիրներու վրայ ալ, եւ Խաղտեաց, Մասքթաց, Ալանաց, Կասպից, Միջագետաց, Ասորւոց եւ Մարաց կողմերն ալ Հայոց թագաւորութեան հետ կապուած էին, եւ Գրիգոր մինչեւ յԱտրպատական ձգտէր տարածանէր զաւետարանութիւն իւր (ԱԳԹ. 440): Զենոբ Հայաստանի գաւառներուն թիւը 620 կը դնէ, որ կրնար եպիսկոպոսներուն թիւը բարձրացնելու փաստ ըլլալ, սակայն կ՚երեւի թէ նա գաւառ անունով, աւելի մանր բաժանումներ կ՚իմանայ, եւ ոչ եպիսկոպոսական վիճակներ, որովհետեւ ամէն գաւառին մէն մի քահանայ կամ երկու կ՚ենթադրէ (ԶԵՆ. 13), եւ ոչ թէ իւրաքանչիւր գաւառին եպիսկոպոս մը: Գրիգորի ձեռնադրած եպիսկոպոսներէն 12 միայն յանուանէ յիշատակուած են, եւ երեւի թէ ասոնք տեսակ մը երկոտասանից ժողով կը կազմէին հայրապետանոցի մէջ: Յիշուածներն են, Աղբիանոս Եփրատացւոց, Եւթաղիոս Բասենոյ, Բասոս, Մովսէս, Եւսեբիոս, Յովհաննէս, Ագապէս, Արտիթէս, Արսուկէս, Անտիոքէս, Տիւրիկէս եւ Կիրակոս: Թէպէտ միայն երկուքին վիճակները յիշուած են, սակայն ամէնքն ալ եպիսկոպոսք կողմանց կողմանց եղած կ՚ըսուին, եւ միանգամայն կը յիշուի թէյորդւոց քրմացն ընտրեցան (ԱԳԹ. 442), որով բնիկ հայազգիներ ըլլալնին կ՚իմացուի, թէպէտ օտար անուններ ստացած են, հաւանաբար մկրտութեան ատեն:

68. ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յատուկ մտադրութիւն դարձուցած է Գրիգոր քուրմերու սերունդները եկեղեցական պաշտօններու կոչելու: Այդ գործին մէջ գլխաւորապէս կը տեսնուի առաքելական գործին դիւրութիւններ պատրաստելու մտադրութիւնը, վասնզի հեթանոսութեան ատեն կրօնական ծառայութիւնը յատուկ դասակարգի մը ժառանգական վաստակն էր, թէ իբր աշխատութեան վարձ եւ թէ իբր հասոյթի աղբիւր, քուրմերն ալ ազդու դասակարգ մըն էին, եւ կրնային մեծ դժուարութիւններ հանել, եթէ յանկարծ ամէն դիւրութենէ զրկուած ըլլային: Ընդհակառակն յաջող օժանդակներ կը դառնային, եթէ իրենց օգուտն ալ ապահովուած տեսնէին: Միեւնոյն ատեն ժողովուրդին սովորական զգացումներն ալ իրենց գոհունակութիւնը կը գտնէին, երբոր իրենց հին սովորոյթներն ալ պահուած կը տեսնէին: Միայն պէտք էր զանոնք լաւ կրթել նոր կրօնքին սկզբունքներուն մէջ, ուստի նոր հաստատուած ուսումնարաններուն մէջ, հոգ կը տարուէր առաւել զազգս պղծագործ քրմանց եւ զմանկունս նոցա ի նոյն ժողովել. եւ միանգամայն չէր մոռցուեր անոնց դարման ռոճկաց կարգել (ԱԳԹ. 438): Այս նախահոգ զգուշաւորութիւններով կը յաջողէր Գրիգոր, զօրաւոր օժանդակներ կազմել անոնցմէ, որք այլապէս ահաւոր ընդդիմադիրներ պիտի դառնային, ժողովուրդին նախապաշարեալ միտքին վրայ իրենց ունեցած ազդեցութեամբ, Կրօնական դաստիարակութեան համար եղած ջանքերը միանգամայն մտաւորական զարգացման ալ կը ծառայէին: Բայց որովհետեւ Հայ այբուբեն ու Հայ գրականութիւն գոյութիւն չունէին տակաւին, ստիպեալ էին զոմանս յասորի դպրութիւն կարգել, եւ զոմանս ի հելլէն: Այդ բաժանեալ եւ երկճղի դաստիարակութիւնը լոկ կամայական բան մը չէր: Այն միջոցին Հայաստանի սահմաններուն վրայ երկու ուսումնական կեդրոններ կը գտնուէին, Եդեսիա եւ Կեսարիա. առաջինը ասորերէն լեզու կը գործածէր, երկրորդը յունարէն: Հայաստանի նահանգներն ալ մէկէն կամ միւսէն կ՚օգտուէին, իրենց մերձաւորութեան համեմատ: Հարաւային նահանգներ, Աղձնիք եւ Կորդուք, Տուրուբերան եւ Ծոփք, աւելի Եդեսիայի հետ յարաբերութիւն ունէին, իսկ հիւսիսային նահանգներ, եւ առաւելապէս Բարձր Հայք եւ Արարատ, Տայք եւ Սիւնիք Կեսարիայի հետ կապուած էին: Հայաստանի մէջ նոր բացուած կրթարաններն ալ այդ բաժանման հետեւեցան:

69. ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Կրթական ձեռնարկէն աւելի էական էր, հոգեւոր պաշտամանց կարգադրութիւնը: Հայերէն լեզուն գրուած եւ կարդացուած լեզու չլինելով` անհնար էր ամէն մասերով կատարեալ պաշտամունքներ եւ արարողութիւններ ունենալ Հայոց համար եւ Հայոց յատուկ: Միւս կողմէն Գրիգոր ինքն Կեսարիայի մէջ սնած եւ ուսած, եւ իր առաջին օգնականներուն մեծ մասը Կեսարիոյ եւ Սեբաստիոյ կողմերէն բերած ըլլալով, բնական էր որ Հայ եկեղեցւոյ պաշտամանց եւ արարողութեանց հիմը Կապադովկացւոց եկեղեցւոյն յատուկ ծէսը պիտի ըլլար, ինչ որ այժմ սուրբ Բարսղի անունով ճանչցուած է: Սակայն, ինչպէս հայկական ծէսին զննութեամբը կը տեսնուի, Գրիգոր չէ ուզած ծառայօրէն եւ կուրօրէն յունակապադովկական ծէսը ընդօրինակել, այլ անոր մէջ զեղչեր ու յաւելուածներ ու փոփոխութիւններ մուծած է, հետեւելով երկրին եւ ազգին պահանջից եւ բնոյթին, եւ շատ ազգային սովորութիւններ հեթանոսական կրօնքէն փոխ առնելով քրիստոնէութեան մէջ մուծած է, որով կրցած է առանձնայատուկ եւ սեփական Հայ ծէսին հիմերը հաստատել: Լուսաւորչի ժամանակակից յիշատակներ կը պակսին մեր ըսածը վկայութեամբ հաստատելու համար, սակայն երբ դար մը ետքը Հայ գիր ու գրականութիւն կը ստեղծուի, եւ ժամանակին գործիչները յունական աղբիւրներէ ընդարձակօրէն կ՚օգտուին, տակաւին շատ բաներ նախընթաց դարուն հայկական սովորութեանց համեմատ կ՚արձանագրուին եւ կը հաստատուին, եւ այդ սովորութիւնները Լուսաւորչի անունով ու հեղինակութեամբ կը բացորոշուին: Իրաւ ալ պաշտամունքի եւ աղօթքի համար հնար չէր ժողովուրդը օտար լեզուի բռնադատել, զոր բնաւ չէր ճանչնար, եւ հնար չէր չիմացած լեզուով իր կրօնական զգացումները գոհացնել: Հարկաւ պէտք էր ամենէն սովորական մաղթանքները, ինչպէս են Փառք Հօր, Հայր մեր, Փառք ի բարձունս, Սուրբ Աստուած, Հաւատամք, հայերէն լեզուով ժողովուրդին թելադրել, եւ կրկնելով գոց ընել տալ, եւ գործնական կիրառութեան մէջ դնել: Մեր օրով ալ տակաւին Քուրդն ու Առնավուտը իրենց լեզուն իրենց գրով չեն գրեր, բայց իրենց լեզուով գոց ըրած երգեր ու աղօթքներ ունին: Անգրագէտ մահմետականն ալ գոց ըրած արաբերէն աղօթքները կը կրկնէ շարունակ: Այս տեսակ կացութիւն մը պէտք էր ճշմարտուէր չորրորդ դարու Հայ քրիստոնէից մէջ: Պզտիկ դիտողութիւն մը բաւական է նկատելու, որ Ժամագիրքին մէջ յառաջ բերուած սաղմոսներուն շատ մը բացատրութիւնները Աստուածաշունչի ամբողջութեան մէջ պարունակուած սաղմոսներէն տարբեր են: Այս տարբերութիւնը մեր տեսութեամբ կ՚ապացուցանէ առաջին ու գործնական թարգմանութիւն մը չորրորդ դարուն մէջ. եւ երկրորդ ու գրական թարգմանութիւն մը հինգերորդ դարուն մէջ: Դիտել կու տանք եւս թէ ինչ ինչ կրօնական գործածական բառեր հինգերորդ դարու ճշդաբանութեանց չեն պատասխաներ, Երրորդութիւն բառը յունարէն բառին չի համապատասխաներ, որ ճիշդ եռեակութիւն կը հնչէ, Քրիստոնեայ բառն ալ աղաւաղ տառադարձութիւն մըն էյունարէն Քրիստիանոս բառին, այսպէս դեռ ուրիշներ ալ: Այս նշաններէ մենք կը սիրենք հետեւցնել թէ Լուսաւորիչէ սկսելով` հայերէն լեզուով պաշտամունք Հայերուն անծանօթ չեղան, թէպէտ գրի առնելու անհնարութիւն կար, եւ միայն գործնական կերպով բերնէ բերան ապրեցան:

70. ԲԱՐԵԿԱՐԳԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Կրթական եւ ծիսական կարգադրութեանց համընթաց են կանոնական կարգադրութիւններն ալ: Այս մասին պէտք է յիշենք վանքերու եւ եկեղեցիներու պահպանութեան համար իւրաքանչիւրին գիւղեր յատկացնելը, ինչ որ նախապէս մեհեաններուն եւ քուրմերուն պահպանութեան համար գործածուած կերպն էր: Այդ կալուածները կրօնքի փոփոխութեամբ քրիստոնէութեան օգտին անցան, եւ արքունական հրամաններով հաստատուեցան: Հայրապետական աթոռին սեփականուեցան աշխարհին զանազան կողմերը նշանաւոր աւաններ, ինչպէս Աշտիշատ Տարոնոյ մէջ, եւ Թիլ ու Թորդան Եկեղեաց մէջ, եւ ուրիշներ ալ: Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ միաբանութիւն հաստատուելուն առթիւ 12 դաստակերտներ ալ անոր յատկացուեցան, որոնցմէ կը յիշուին Կուառս, Մեղրի, Մուշ, Խոբնի, Բրեխ, Կեղք եւ Բազու: Իսկ նոյն միաբանութիւնը կազմելու համար նշանակուեցան 43 կրօնաւորներ, որոնց նշանաւորներն էին Անտոն եւ Կրօնիդէս, եւ վանահայր ընտրուեցան Զենոբ Գլակ եւ Եպիփան: Կանոնագիրքի մէջ կը գտնենք 30 համառօտ կանոններ, Սրբոյն Գրիգորի առաքելոյ Հայոց մակագրութեամբ (ԿԱՆ. 34), որոնք զանազան բարեկարգութիւններ կը պարունակեն: Չենք ուզեր պնդել, թէ ասոնք նոյնինքն Գրիգորէ գրաւոր կերպով աւանդուած կանոններ ըլլան, բայց գոնէ պէտք է ընդունիլ, թէ Գրիգորի ժամանակին կարգադրութիւններն էին, որք աւանդութեամբ պահուելով, յարմար ատեն մը գրի առնուեցան: Ասով կը հաստատուի թէ Գրիգոր կարգապահութեան ալ մտադրութիւն դարձուցած էր եւ կանոնական բարեկարգութեան պատուէրներ ալ կազմած էր, ինչ որ իր առաքելական եւ հայրապետական պաշտօններուն համար էական էր: Մեր Կանոնագիրքին մէջ կը գտնուին Անկիւրիոյ, Նէոկեսարիոյ եւ Լաւոդիկեայ կանոնները, որք շուրջ 314-ին գումարուած են Գրիգորի կենդանութեան միջոցին, եւ հնար է մտածել թէ նա ինքն Գրիգորն է` որ իւրացուցած է այդ ժողովներուն կանոնները եւ Հայոց համար ալ պարտաւորիչ հռչակած: Սակայն շատ չենք պնդեր, որովհետեւ նոյնչափ հաւանականութեամբ հնար է ենթադրել, թէ անոնք աւելի ուշ Հայաստան բերուեցան Նիկիական կանոններուն հետ: Գրիգորի անունով մակագրուած 30 կանոններուն նիւթը ընդհանրապէս` կանոնազանցներուն ապաշխարութեանց շուրջը կը դառնայ, եւ նկատի կ՚առնէ գլխաւորապէս քահանայական եւ ամուսնական կանոնազանցութիւնները. կը յիշէ եւս կիրակէի պահպանութիւնը, եւ կախարդներու եւ գերեզմանակրկիտներու պատիժները:

71. ՎԻՐՔ ԵՒ ԱՂՈՒԱՆՔ

Յիշեցինք թէ Գրիգորի առաքելական աշխատութիւնները Մեծ Հայքէ դուրս ալ տարածուեցան. ուր որ զօրացած էր Հայոց քաղաքական գերիշխանութիւնը: Հռիփսիմեանց խումբը 70 հոգի եղած է կ՚ըսուի 51), որոնցմէ 37 միայն նահատակուեցան Վաղարշապատի մէջ, մնացեալները զանազան կողմեր ցրուած էին կանուխէն: Ասոնց մէկն էր Նունէ, որ Վրաստան գնաց, եւ Մծխիթա մայրաքաղաքին մէջ բժշկութիւններ կ՚ընէր, եւ նոյն իսկ Միհրան բդեշխի կինն ալ բժշկեց: Ասկէ Միհրան սկսաւ հետաքրքրուիլ Նունէի զօրութեան վրայ, եւ երբ ինքն ալ վտանգաւոր փոթորիկի մը հանդիպեցաւ, Տրդատի փորձանքը յիշեց, եւ Նունէի Աստուծոյն ապաւինելով ազատեցաւ, եւ անկէ ետքը քրիստոնէութեան յարեցաւ եւ Նունէի հետ կռապաշտութիւնը ջնջելու աշխատեցաւ (ԽՈՐ. 170): Ասոնք ամէնքը տեղի ունեցան Հայոց դարձին առաջին տարիները: Նունէ եւ Միհրան Գրիգորի դիմեցին հրահանգուելու համար, եւ անկէ ստացան Վրաստանի համար գլխաւոր հովիւ մը եւ եկեղեցական պաշտօնեաներ, եւ այս կերպով Վրաց կաթողիկոսութիւնը Հայոց հայրապետութեան ենթարկեալ մնաց մինչեւ Է. դար: Վրաստանէն զատ Աղուանից համար ալ աշխատեցաւ Գրիգոր: Քրիստոնէութիւնը սկսած էր այնտեղ առաքելական դարէն 16), բայց շարունակութեան մասին յիշատակներ բոլորովին կը պակսին (ԿԱՂ. Ա. 98): Տրդատ պատերազմի բռնուեցաւ Աղուանից եւ Բասլաց հետ շուրջ 314-ին, Բասլաց թագաւորը սպաննուեցաւ (ԽՈՐ. 168), իսկ Աղուանից Ուռնայրը, կ՚երեւի թէ գերի ինկաւ, որ Հայոց մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուի, եւ իր երկիրը դառնալով առաւել լուսաւորէ զԱղուանս (ԿԱՂ. Ա. 99), իբրեւ կատարեալ քարոզիչ մը: Ուռնայրի մահուընէ ետքն է, որ Գրիգոր իր Գրիգորիս թոռը Աղուանից կաթողիկոս կը ձեռնադրէ, տակաւին մանկահասակ եղած ատեն, վասն հոգեկիր առաքինի արգասեացն բարեհասակ, եւ զգիտութիւն Աստուծոյ յանձին կրելով (ԲԶՆ. 10): Մասնաւոր տեղեկութիւններ չունինք ուրիշ երկիրներու, եւ գլխաւորապէս Միջագետքի եւ Ատրպատականի մէջ կատարուած առաքելական աշխատութեանց վրայ, թէպէտ տեսանք թէ այն կողմերուն եպիսկոպոսներն ալ Գրիգորէ ձեռնադրուեցան (ԱԳԹ. 440):

72. ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՍԷՐԸ

Լուսաւորչի ծննդեան թուականը 239-ին գրած էինք, եւ իր ամուսնութիւնը 261-ին նշանակած, 22 տարեկան եղած ատեն 46): Չարչարանքներուն ատեն 287-ին Գրիգոր 48 տարեկան մարդ մը եղած կ՚ըլլայ, եւ 62 տարեկան վիրապէն ելած եւ ձեռնադրութիւն ստացած եւ առաքելական աշխատութեանց ետեւէ եղած: Որչափ ալ առաջին տարիներու մէջ ժիր եւ գործունեայ կեանք մը ունեցած լինելը կը տեսնենք, եւ ծանր ու արդիւնաւոր աշխատութեանց նշանները ունինք, սակայն չենք կրնար չյիշել թէ բազմաչարչար անցեալ մը տկարացուցած պիտի ըլլար զայն, մանաւանդ վիրապէն ետքը անմիջապէս տարօրինակ յոգնութեանց պարտաւորեալ ըլլալով: Որչափ ալ առանձնական եւ ճգնաւորական կեանքի սէրն ենթադրենք Գրիգորի վրայ, բայց պէտք է տկարացած ըլլալուն պարագան ալ նկատի առնենք, երբոր կը տեսնենք որ ինքն ընդ ժամանակս ժամանակս յանապատ լերինս ելանէր (ԱԳԹ. 442), հոգեկան հանդարտութիւն մը վայելելու համար: Որչափ ալ Գրիգորի երբեք երբեք իջանել լինէր` շրջել զօրացուցանել զաշակերտեալսն (ԱԳԹ. 444), սակայն այս չէր բաւեր նորահաւատ ժողովուրդին համար, որ իր հովուապետին անմիջական ներկայութեան կը կարօտէր, եւ Տրդատ ինքն ալ շատ աղաչեաց զԳրիգոր վասն հանապազորդ առ նմա կալոյ, սակայն Գրիգոր կը դժուարէր թագաւորին առաջարկը կատարել, ոչ հաճեալ զառնոյր յանձն, այլ յանպատ տեղիս հալածեալ բնակութեամբ (ԱԳԹ. 449), հանդարտ եւ խաղաղ կեանքի պէտքը կը զգար: Թէպէտ զԱղբիանոս զայր ճշմարիտ եւ աստուածասէր վերակացու թողոյր արքունական դրան բանակին (ԱԳԹ. 442), սակայն նա չէր բաւէր Լուսաւորչի անձին հրապոյրը զարթուցանել: Ասկէ յառաջ եկաւ Գրիգորի զաւակները Կեսարիայէ բերել տալու որոշումը:

73. ԳՐԻԳՈՐԻ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

Գրիգորի զաւակներուն ծնունդը 262 եւ 264 տարիներու մէջ նշանակեցինք 46) որով քառասուն տարեկանի մօտ անձեր պէտք է եղած ըլլային, երբոր Գրիգոր Կեսարիա գնաց ձեռնադրութեան համար, եւ զարմանալի է որ այդ պարագային զաւակները չեն յիշուած: Խորենացին, առաջ մէջտեղ չելլալնին երկիւղի հալածանացն կը վերագրէ, իսկ վերջէն չերեւնալնին ալ իբր առաքինական խոնարհութիւն կը մեկնէ, իբր զի եւ ոչ ի քահանայանալն եւ ի փառաւորել հօրն երեւեալ պերճացան (ԽՈՐ. 161), սակայն եթէ Արիստակէս Նիկոմաքոսի մօտ կը ճգներ, եւ եթէ Վրթանէս աշխարհիկ կեանք կը վարէր ալ, եղելութեանց անգիտակ եւ անտարբեր պէտք չէր մնացած ըլլային: Յարմարագոյն է թերեւս ըսել, որ չարչարանքներէն եւ վիրապէն ետքը իրենց հայրը մեռած գիտէին, եւ իրենք ալ Կեսարիայէ հեռու կը գտնուէին: Այս կերպով կրնայ մեկնուիլ, որ անակնկալ կերպով լուան յոմանց ի տեղեկաց, որ գիտակ արարին զթագաւորն, թէ Գրիգոր ժամանակով ամուսնացած, եւ երկու զաւակ ունեցած էր, եւ թէ անոնք տակաւին կենդանի էին (ԱԳԹ. 449): Տրդատի հրամանով երեք նախարարներ, Արտաւազդ եւ Տաճատ եւ Դատ, Կեսարիա գացին, եւ հազիւ Արիստակէսը իր ճգնարանէն զատեցին եւ Վրթանէսն ալ իր ընտանիքով մէկտեղ բերին Հայաստան: Գրիգոր, կարծես անցած դարձածին անտեղեակ, նոյն պահուն ալ իր առանձնութեան մէջ կը գտնուէր, եւ ինքն թագաւորն եկողները Գրիգորին կը տանէր: Ժամանակին տարածուած գաղափարներուն հետեւանքն էր, սերնդական յաջորդութեան բացառիկ յարգ մը տալ, ուստի ամենուն համոզմամբ մեծ բախտ մըն էր Գրիգորի զաւակները իբր գլուխ ունենալ, եւ ընդհանուր փափաքին վրայ, Արիստակէս իբրեւ միայնակեաց եւ իբրեւ աւելի հոգեւորական անձ, մեծ եղբօրմէն առաջ եպիսկոպոսութեան կը կոչուէր, եւ իր հօրը հայրապետական պաշտօնին օգնական կը նշանակուէր: Թուականը ճշդելու համար պատմական պարագայ մը չենք գտներ: Շատեր 316-ին կը դնեն Արիստակէսի ձեռնադրութիւնը, այլ հաւանակագոյն կ՚երեւի 310-ին դնել Գրիգորի զաւակներուն Հայաստան գալը, եւ Արիստակէսի ձեռնադրութիւնը անմիջապէս ետքը:

74. ԴԱԺԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Այդ միջոցին, եւ հաւանական հաշուով 311-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ու Հռոմայեցւոց մէջ պատերազմը, թէպէտ Հայեր ի սկզբանէ անտի բարիկամք եւ մարտակիցք էին Հոռոմոց, եւ քաղաքական պատճառ մը չկար իրարու հետ թշնամանալու: Մաքսիմինոս Գաղերիոս Դաժ, որ Արեւելքի կայսրութիւնն ստացած էր, քրիստոնէից դէմ հալածանքը սաստկացուց, եւ չշատանալով իր սահմաններուն մէջ կատարած բռնութիւններով, Հայոց դէմ ալ ելաւ, վասնզի քրիստոնեայք էին, եւ զերկրպագութիւն Աստուծոյ փութապէս պնդութեամբ կատարէին: Ուստի անոնց դէմ պատերազմ բացաւ, եւ սկսաւնեղել զնոսա զի զոհեսցին կռոց եւ դիւաց: Սակայն իր նպատակին չկրցաւ հասնիլ, վասնզի Հայոց բանակը իր ծանօթ քաջութեանը կը միացնէր քրիստոնէական եռանդը, եւ Մաքսիմինոս հանդերձ զօրօք իւրովք ի պատերազմի անդ ընդդէմ Հայոց ի բազում ուրեք հարեալ վատթարէր առաջի նոցա (ԵՒՍ. 688): Այս դիպուածէն ետքը տեղի ունեցող սովն ու ժանտախտը, քրիստոնէից կողմէ իբրեւ աստուածային պատուհաս մը նկատուեցաւ, Մաքսիմինոս Դաժի անլուր բռնութեանց եւ քրիստոնեայ ազգի մը դէմ ըրած թշնամութեանը համար: Այդ պատերազմը, որուն յիշատակը մեզի պահած է Եւսեբիոս պատմագիրը, եւ զոր մեր առաջին մատենագիրներ զանց ըրած են իրենց պատմութեան փոխանցել, Հայոց կանուխ քրիստոնէութեան դառնալուն փաստն է, եւ միանգամայն նշան մըն է անոնց եռանդուն եւ գործունեայ զգացումներուն: Կրօնական պատերազմներ ընելը Հայոց պատմութեան յատկանիշ պարագաներէն մէկն է, եւ կը տեսնենք որ Ե. դարու նշանաւոր պատերազմներէն շատ առաջ, երկրին ընդհանուր քրիստոնէութեան առաջին օրերէն, սկսած են Հայերը ամենայն զօրութեամբ իրենց սուրբ հաւատքը պաշտպանել:

75. ՀՌՈՄԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Դաժ Հայոց դէմ վարած պատերազմէն քիչ ետքը, Լիկինիոսէ յաղթուեցաւ եւ անձնասպան եղաւ 313-ին, Տարսոնի մէջ, եւ Արեւելքի կայսրութիւնը անցաւ Լիկինիոսի, իբր կայսերակից Կոստանդիանոսի, որ Արեւմուտքի կայսր անուանուած էր 306-ին, եւ Մաքսենտիոսի յաղթելէն ետքը քրիստոնէից ազատութիւնը հռչակած էր 313-ին: Լիկինիոս նախ Կոստանդիանոսի տուած ազատութեանը համաձայնած էր, բայց վերջէն քրիստոնէից դէմ հալածանքը նորոգեց, որ 318-էն ետքը աւելի զայրացաւ, եւ առիթ տուաւ Կոստանդիանոսի հետ պատերազմներու, որոնք վերջացան Լիկինիոսի պարտութեամբ եւ սպանութեամբ, եւ Կոստանդիանոսի միահեծան ինքնակալութեամբ 323-ին: Այդ թւականէն է որ պատմագիրներէն ոմանք կը դնեն Կոստանդիանոսի դարձը, այսինքն է ինքզինքը քրիստոնեայ հռչակելը, որ տարբեր է 313-ին քրիստոնէից շնորհուած ազատութենէն: Ագաթանգեղոսի մէջ յիշուած կը գտնենք, որ Կոստանդիանոսի դարձէն ետքը, ուրեմն շուրջ 324-ին, Տրդատ ուզեց խնդակցութեան այցելութիւն ընել անոր. եւ թէ իրեն հետ առնելով Գրիգորը, Արիստակէսը, Աղբիանոսը, 13 մեծ նախարարներ, բազում մեծամեծներ, եւ 70, 000 ընտիր զօրքեր, Վաղարշապատէ մեկնեցաւ եւ գնաց ի թագաւորակաց քաղաքն Հռոմայեցւոց (ԱԳԹ. 459): Անկէ առնելով Խորենացին ալ անցողակի կ՚ակնարկէ ի գնալն Տրդատայ ի Հռոմ առ սուրբն Կոստանդիանոս (ԽՈՐ. 166), առանց Գրիգորի անունը տալու: Յետագայ ազգային պատմագիրներ ալ առաջիններուն հետեւողութեամբ Տրդատի եւ Գրիգորի Հռոմ երթալուն պատմութիւնը կրկնած են (ՅՈՎ. 51): Իսկ այն աւելի ընդարձակութիւն ստացած է Ռուբինեանց ժամանակ, երբ Դաշանց թուղթ անունով յատուկ գրուած մըն ալ ելած է մէջտեղ: Այդ գրութեան նպատակն է գլխաւորապէս Հայոց հայրապետական աթոռին ազատութիւնը պաշտպանել, հեղինակութեամբ եւ իշխանութեամբ ինքնագլուխ պռոտոպապ Սեղբեստրոս հայրապետին Հռոմայ, որ Գրիգորը կ՚ընէ Պատրիարք Հայոց մեծաց, զի ինքն եւ ամենայն աթոռաժառանգք սորա ինքնագլուխ եղիցին, յիւրեանց եպիսկոպոսացն առնելով ձեռնադրութիւն, այլեւ Գրիգորը նկատուի պապ եւ պատրիարք եւ հայրապետ հրամանահան ի տիեզերական Ժողովս, ըստ ամենայնի համահաւասար Հռոմի, Երուսաղէմի, Անտիոքի եւ Աղեքսանդրիոյ աթոռներուն (ԴԱՇ. 24): Այդ պատմութիւնը շատ հաճելի երեւցած է լատինամիտ եւ հռոմէադաւան նոր հեղինակներու, որք ուզած են անոր ստուգութիւնը պաշտպանել, եթէ ոչ իր ամբողջ պարագաներով, գոնէ իր էական մասին մէջ, որ է Գրիգորի Հռոմ երթալը եւ Սեղբեստրոսի շնորհած ինքնագլխութիւնը: Ցաւալի պարագայ մը եղած է, անոնց ձայնակից տեսնել վերջին ատեններու մէջ, Մատթէոս Ա. կաթողիկոսը (ԴԱՇ. 31):

76. ԴԱՇԱՆՑ ԹՈՒՂԹԸ

Մեր աշխատասիրութեան բնութիւնը լոկ պատմական ըլլալով, պէտք չենք զգար քննական եւ քննադատական բացատրութեանց մտնել, եւ եղելութեանց մասին ամփոփելով գրելիքնիս, բաւական կը սեպենք սա քանի մը կէտերը յիշել: Դաշանց թուղթ ըսուած գրութիւնը, յետին դարերու աղաւաղ եւ անկապակից, գրական եւ լեզուաբանական եւ ժամանակագրական սխալներով լեցուն գործ մըն է(ԴԱՇ. 55), որ այլեւս իրեն համար պաշտպան չունի: Հռոմի աթոռին կողմէն Հայոց աթոռին առանձնաշնորհումներ տրուիլը, եւ անոնց զօրութեամբ արեւելեան եկեղեցիներու իրաւասութեանց փոփոխուիլը, ժամանակին հոգւոյն եւ սովորութեանց եւ յարաբերութեանց հետ բոլորովին անհաշտ ենթադրութիւն մըն է: Գրիգորի մինչեւ Հռոմ ճանապարհորդութիւն ընելը, բոլորովին անհիմն ենթադրութիւն մըն է, որ ոչ մէկ կերպով պատմութեան հետ չի զօդուիր: Այդ միջոցին Հռոմ հայրապետներ եղած են Մարկեղոս 308-309, Եւսեբիոս 309-311, Մեղքիադէս 311-314, եւ Սեղբեստրոս 314-337: Արդ, սկզբնական պատմութիւնը Եւսեբիոսի անունը կու տայ (ԱԳԹ. 461), որ Կոստանդիանոսի քրիստոնէից ազատութեան համար հանած Մեդիոլանու հրովարտակէն ալ առաջ է: Հայոց թագաւորութիւնը իր յարաբերութիւնները կը պահէր ուղղակի Արեւելքի կայսրներուն հետ, եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւն չունէր, իսկ Կոստանդիանոս 323-էն ետքը սկսաւ Արեւելքի մէջ իշխել, եւ մինչեւ այն ատեն Լիկինիոս էր իշխողը եւ քրիստոնէութիւնը կը հալածէր, որով ոչ մի պատճառ չէր կրնար ըլլալ Հայոց թագաւորին եւ հայրապետին Հռոմ երթալուն: Դիտելի է եւս որ Գրիգոր նոյնիսկ Հայաստանի մէջ հանրային կեանքէ կը խուսափէր, եւ Նիկիոյ ժողովին ալ չգնաց, որով չէր կրնար մինչեւ Հռոմ երթալ զինքն ցուցադրելու: Աւելցնենք նաեւ որ 323-էն ետքը Կոստանդիանոս Հռոմն ալ սկսած էր լքել. եւ զինքն այնտեղ երթալու փնտռելու յարմարութիւն ալ կը պակսէր: Նկատողութեան արժանի է որ Խորենացին Ագաթանգեղոսի պատմութիւնը առջեւն ունենալով իսկ, Գրիգորի ճանապարհորդելը չէ գրած, որով կամ զայն կեղակարծ դատած է, եւ կամ ուղեւորութեան հատուածը յետոյ Ագաթանգեղոսի մէջ ներմուծուած է: Տրդատի ճանապարհորդութեանը գալով` պարզ թիւրիմացութեան մը հետեւանք լինելը շուտով կը յայտնուի, երբոր բաղդատենք արտաքին պատմութեանց մէջ յիշուած Տրդատի ճանապարհորդութեան հետ, որ Դոմետիոս Կորբուղոնէ յաղթուելով յանձնառու եղաւ Հռոմ երթալ եւ Ներոն կայսեր ձեռքով նորէն պսակուիլ, ինչպէս որ ալ կատարեց 64 թուականին: Այն Տրդատը ազգային պատմութեան ծանօթ մնացած լինելով, դիւրաւ կրցաւ շփոթուիլ համանունի հետ, եւ առաջին դարու եղելութիւնը չորրորդ դարու եղելութիւն մը դարձաւ, ժամանակին յարմար պարագաներ ալ ստանալով: Իսկ Դաշանց թուղթին յերիւրուածը, հայկական բարեմիտ նենգութիւն մըն է Խաչակիրներու ժամանակ կազմուած, երբոր Անտիոքի լատին պատրիարքներ, Կիլիկիոյ նոյն աթոռին գաւառներէն մին լինելէն առիթ առնելով, Հայոց հայրապետութեան վրայ իշխելու փորձեր ըրին: Հայեր չուզեցին ուղղակի Լատիններուն դիմադրութիւն ցուցուցած ըլլալ, եւ մտածեցին Հայոց աթոռին ազատութիւնը Հռոմի պապերուն կամքով եղած ցուցնել, որով թէ Լատինաց բարեկամութենէն սպասուած օգնութիւնը պիտի չկորսնցնէին, եւ թէ իրենց ազատ հայրապետութիւնը պաշտպանած պիտի ըլլային: Յայտնի է ուրեմն որ ոչ Գրիգոր եւ ոչ Տրդատ Հռոմ չեն գացած, եւ Սեղբեստրոսի վերագրուած տուուչութիւնը անհիմն յերիւրուած մըն է (16):

77. ՄԻԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՈՎՈՒՈՒԹԻՒՆ

Լուսաւորիչի ընթացքը իր երկրորդ մասին մէջ, առաքելական եւ ճգնաւորական կեանքերու խառնուրդ մը եղաւ, ճարտար կերպով մը իրարու կցելով հանրային գործունէութիւնն ու առանձնացեալ միայնութիւնը: Նա ուզած է պահ մը իրեն առանձնութեան տեղ ընել Գլակայ մենաստանը, որ է Իննակնեան Ս. Կարապետի վանքը, որ իրեն համար աւելի սիրելի տեղ մըն էր, չորս ամիս ալ այնտեղ մնացած է, բայց յետոյ Անտոն եւ Կրօնիդէս ճգնաւորներուն խորհրդով թողած է այնտեղը, որ աշխարհական համախմբութեանց կեդրոնն ըլլալով, առանձնացեալ միայնութեան յարմար չէր (ՄԱՄ. 7): Այնուհետեւ Գրիգորի առանձնութեան սովորական տեղը եղած է Դարանազեաց գաւառի մէջ, Սեպուհ լերան վրայ եղող քարայր մը, ուր ճգնած եւ վախճանած էր, Հռիփսիմեանց խումբէն կոյս մը` Մանէ անունով, որուն յիշատակովը քարայրը Մանեայ Այրք անունը առած էր: Այստեղ է այժմ Կամախ գաւառի Ս. Լուսաւորիչ վանքը, Կարնի գիւղին մօտ, Սեպուհի Աւագվանքին վիճակին մէջ: Գրիգոր կ՚առանձնանայ այնտեղ, սիրեցեալ զլերինս եւ զամայութիւն եւ զհանդարտութեամբ մտաց յինքեան կեալ, որպէսզի խօսեսցի ընդ Աստուծոյ անզբաղապէս (ԽՈՐ. 178), բայց չէր մոռնար իր հօտն ու ժողովուրդը, թէպէտ լեցուցած էր զամենայն կողմանս եպիսկոպոսօք եւ վարդապետօք (ԽՈՐ. 178), նաեւ իրեն փոխանորդ դրած էր Արիստակէս որդին: Նա մերթ ընդ մերթ կ՚իջնէր իր լեռնէն, եւ սուրբ որդւովն իւրով Արիստակիսեաւ եւ ամենայն երեւելի օգնականօքն, զամենայն աշակերտելովքն շրջէր, եւ հաստատէր զնոսա կալ ի պատուիրանին ճշմարտութեան (ԱԳԹ. 455): Կ՚երեւի թէ այդ շրջագայութիւնները պարբերական ձեւ մը ունէին, որովհետեւ պատմիչը կ՚ըսէ թէ մինչեւ ի վախճան կատարածին զայս առնէր ամ յամէ (ԱԳԹ. 466), որով կրնար ալ համարձակօրէն վկայել թէզվերակացութիւն եկեղեցւոյ սրբոյ, շնորհօքն Աստուծոյ, առանց պակասութեան տանէր (ԱԳԹ. 467): Այսպէս Գրիգոր հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին եւ յոգնած մարմնոյն եւ միայնասէր ոգւոյն, կը սիրէր իր ժողովուրդին հովուութենէն եւ հոգածութենէն չբաժնուիլ:

78. ՆԻԿԻՈՅ ԺՈՂՈՎ

Արիոս Աղեքսանդրացի, Ակիւղատ հայրապետէն երէց ձեռնադրուած, իր իմաստասիրական հմտութեամբը ծանօթ անձ մըն էր, որ մինչեւ իսկ հայրապետութեան յաջորդելու աչք ունեցաւ, եւ Աղեքսանդրի ընտրուելէն ցաւեցաւ: Այն ժամանակները կը շարունակէին Յիսուսի անձին վրայ խնդիրներ, զորս յուզած էր Պօղոս Սամոստացին: Արիոս ալ սկսաւ պաշտպանել թէ Յիսուս Քրիստոս չէ Որդի Աստուծոյ մարդացեալ, այլ գերագոյն արարած մը, եւ թէ իրեն տրուած Որդի Աստուծոյ կոչումը բառական իմաստով առնելու չէ: Աղեքսանդր հայրապետ Աղեքսանդրիոյ կրկին գաւառական ժողովներու մէջ, 319-ին եւ 321-ին, հերքեց Արիոս երէցին կարծիքը, որ սակայն իրեն պաշտպան եպիսկոպոսներ ալ ունեցաւ եւ Եւսեբիոս արքեպիսկոպոս Նիկոմիդիոյ ուրիշ ժողովով մը արձակեց Արիոսը Աղեքսանդրիոյ ժողովներուն դատապարտութենէն: Երբոր վէճերը ընդհանրացան եւ եկեղեցւոյ մէջ հակառակութիւնները սաստկացան, Կոստանդիանոս ուզեց խնդիրը ընդհանուր ժողովի մը մէջ լուծել, եւ բոլոր քրիստոնեայ աշխարհի եպիսկոպոսները հրաւիրեց Նիկիա քաղաքը 325-ին, ուր ժողովը բացուեցաւ Յունիս 19-ին: Հրաւիրուած էին նաեւ Տրդատ եւ Գրիգոր, այլ չուզելով, կամ լաւ եւս` չկրնալով անձամբ երթալ, Արիստակէսը իրենց փոխանորդ նշանակեցին, եւ իրենց կարծիքին ու դաւանութեան յայտարարութիւնն ալ գրաւոր անոր յանձնեցին եւ ճամբայ հանեցին (ԽՈՐ. 176): Արիստակէս եղաւ Նիկիոյ 318 հայրապետներէն մին, որք միայն քանի մը հատի տարաձայնութեամբ, Արիոսական վարդապետութիւնը դատապարտեցին, եւ Արիոսը նզովեցին, եւ Կոստանդիանոս ալ զայն աքսորեց: Նիկիոյ ժողովին հայրապետներուն կարգին կը կարդացուի Հայոց Մեծաց Արիստարքոս կամ Արիտսեկիսոս կամ Արսափիոս անունով եպիսկոպոսը, որ մեր Արիստակէսն է, թէպէտ օրինակէ օրինակ անունը աղաւաղուած: Յատուկ գործունէութեանը կամ բանախօսութեանը յիշատակ մը չունինք, բայց արդէն այնչափ եպիսկոպոսներուն մէջէն միայն քանի մը հատ պայքարողներու անունները միայն կը տեսնուին ժողովին ատենագրութեանց մէջ: Արիստակէս ժողովէն շիտակ վերադարձաւ Վաղարշապատ արժանահաւատ բանիւ, եւ քսան կանոնեալ գլխովք ժողովոյն (ԽՈՐ. 177), եւ Գրիգոր ուղղափառ հաւատքի յաղթանակին վրայ ուրախանալով կ՚ընդունի եւ կը հռչակէ Նիկիական կանոնները, եւ սուղ ինչ գլուխս յինքենէ ի կանոնս ժողովոյն յաւելու (ԽՈՐ. 177):

79. ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ

Արժանահաւատ բան ըսուածը անշուշտ Նիկիական հանգանակին վաւերական օրինակը պէտք է հասկնալ: Ընդհանուր սովորութիւնը Նիկիական հանգանակ կ՚անուանէ ներկայիս պատարագի մէջ արտասանուած Հաւատամքը, որ սակայն տարբեր է Նիկիոյ ժողովին գործոց մէջ պարունակուած հանգանակէն (ՎՐՔ. Ե. 428), եւ որ նոյնութեամբ յառաջ բերուած է Բաբգէնի թուղթին մէջ: Այս բաւական է հաստատել թէ նոյնը բերուած է Արիստակէսի ձեռքով, ինչպէս Բաբգէն ալ կը յիշէ թէ նա ինքն եբեր յաշխարհս ճշմարտութեամբ (ԹՂԹ. 44): Այժմեան գործածական հանգանակին նկատմամբ ազգային նոր հեղինակներ կարծեցին, թէ Լուսաւորիչ Նիկիական հանգանակին վրայ ինչ ինչ բացատրական յաւելուածներ ըրած ըլլայ, թէպէտ առ այս փաստ մը չունէին, եւ կարծելն ալ քիչ մը յանդգնութիւն կ՚ենթադրէր Լուսաւորիչի վրայ: Սակայն վերջին զննութիւնք յայտնեցին, թէ մեր գործածական հանգանակը Աթանասեան խմբագրութիւն մըն է, Նիկիականին վրայ ձեւուած, բայց քիչ մը աւելի ճոխացած, ժողովէն ետքը յարուցուած խծբծանքներն ալ հերքող (ՀԱՆ. 37): Քանի որ այս խմբագրութիւնը Նիկիոյ ժողովէն ետքն է, դժուար է ըսել թէ Արիստակէս բերած ըլլայ, այլ թէ երբ այս երկրորդ խմբագրութիւնը բուն Նիկիականին տեղը անցաւ, եւ ո՞ր իշխանութեամբ մեր մէջ ծիսական կիրառութեան մտաւ, մանրամասն զննութեանց պէտք ունեցող խնդիր մըն է, որ մեր պարզ պատմական նպատակէն դուրս կը մնայ: Հանգանակին վերջը փառաբանութիւն մը աւելցուած է, որուն վրայ ի սրբոյ Լուսաւորչէն մերմէ ասացեալ մակագրութիւնը կը կարդացուի (ԺԱՄ. 438), թէպէտ ոչ միշտ եւ ոչ հնագոյն գրչագիրներուն մէջ: Նմանօրինակ փառաբանութեան մը ուրիշ եկեղեցեաց մէջ ալ գտնուիլը` Հայոց յատուկ եւ Գրիգորի հեղինակութիւն լինելը երկբայելի կը դարձնէ:

80. ԿԱՆՈՆՔ ԵՒ ՃԱՌՔ

Նիկիական կանոնները քսան կանոնեալ գլխովք բերուած կ՚ըսուին (ԽՈՐ. 177), թէպէտ մեր կանոնագրքին մէջ 21 կանոններ կը տեսնուին այժմ (ԿԱՆ. 27): Լուսաւորիչ Նիկիական կանոնները ընդունելով, ի նոյն լուսաւոր կանոնսն յաւելեալ, առաւել եւս զիւր վիճակն, զՀայաստան երկիր լուսաւորէր (ԱԳԹ. 466). ինչ որ ուրիշ տեղ` սուղ ինչ գլուխս յինքենէ կ՚ըսուի (ԽՈՐ. 177). եւ ասոնք պէտք է ըլլան կանոնագիրքի մէջ երեւցած 30 կանոնները (ԿԱՆ. 34), զորս անգամ մըն ալ յիշեցինք 70): Բայց ասոնցմէ զատ ալ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ կը գտնուին Կանոնք Սրբոյն Գրիգորիմակագրութեամբ 11 հարցումներու պատասխաններ, եւ երկու ճառօրէն կանոններ (ԱԲԼ. 23), որք առ հասարակ եկեղեցական կարգադրութեանց շուրջը կը դառնան: Հայերէն դպրութեան դեռ կազմուած չլինելը, մտածել կու տայ թէ դժուար էր Գրիգորի հայերէն լեզուով կանոններ հաստատել, եւ հաւանական է բոլորին վրայ տարածել այն ծանօթութիւնը, որ մէկուն վրայ միայն գրուած կը գտնենք թէ թարգմանեցաւ ընդ ձեռն Եզնակայ` հրամանաւ երանելւոյն Սահակայ (ԱԲԼ. 25): Հարկաւ նոյն դիտողութիւնը պէտք է տարածել նաեւ Լուսաւորչի անուամբ մեզի հասած Յաճախապատում գիրքին համար, որ 23 ճառեր կը պարունակէ, եւ հաւատոյ եւ քրիստոնէավայել վարուց վերաբերեալ կէտերը հեղինակօրէն կը բացատրէ: Պատմութիւնն ալ գիտէ թէ Գրիգոր աւանդեց ճառս յաճախագոյնս դժուարապատումս, առակս խորիմացս դիւրալուրս, (ԱԳԹ. 466), բայց հնար չէ կարծել որ հայերէն լեզուով գրուած ըլլան, նոյնիսկ օտար տառերով գրուած հայերէն ալ ենթադրելով(17): Արդէն Ագաթանգեղոսի յառաջ բերած Վարդապետութիւն սրբոյն Գրիգորի ընդարձակ գրուածն ալ (ԱԳԹ. 134-372), որ մեծ յարաբերութիւն ունի Յաճախապատում ճառերուն հետ, հայերէն բնագիր չէ (18): Իսկ Աստուած մեծ քարոզին վրայ կարդացուած մակագիրը, Ի սրբոյն Գրիգորէ Լուսաւորչին մերմէ ասացեալ (ԺԱՄ. 245), աւելի լաւ կը լինէր` Վասն սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ ասացեալ կարդալ, այնչափ հեռու կը գտնենք Լուսաւորչի ժամանակին մէջ գանձի ձեւով քարոզի մը յօրինուածը, զի այս ձեւի սկզբնաւորութիւնն ալ հետագայ դարերու կը պատկանի: Լուսաւորչին կարողութենէն հեռու չենք գտներ գրական արդիւնքները, վասնզի կ՚ընդունինք թէ լաւ յունական զարգացում ստացած էր Փիրմիլիանոսի ձեռքին տակ 43), բայց ոչ երբեք հայ գրութեամբ զարգացած մը` որ տակաւին գոյութիւն չունէր:

81. ՄԱՀՆ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Լուսաւորչի մահը բոլորովին տարօրինակ կերպով մը կատարուած է, ճգնարանին միայնութեան մէջ, առանց ուրուք ներկայութեան եւ առանց ազգին գիտակցութեան: Եթէ Գրիգորի առանձնասիրութեան չափազանցութիւնը իբր չքմեղանք ուզէինք նկատել, պէտք էր խստիւ մեղադրել Հայերուն երախտամոռաց անհոգութիւնը, որ կրցեր են ոչ միայն իրենց բազմերախտ Լուսաւորչին մահը անգիտանալ, այլեւ թողուլ որ անծանոթ հովիւներ` մեռած մէկ մը գտնելով, գտած տեղերնին թաղեն, ոչ գիտելով թէ ով ոք իցէ նա (ԽՈՐ. 179), եւ փնտռելու իսկ չհետապնդեն: Կրնայ մտածուիլ որ Լուսաւորիչը կամաւ ուզած էր անյայտ ընել իր տեղը ու իր մահը, սակայն պատմութիւնը չի յիշեր, որ գոնէ փնտռելու ջանքեր եղած ըլլան: Ագաթանգեղոս կը վկայէ թէ Լուսաւորիչնզամենայն աւուրս կենաց իւրոց առաքելաբան առաքելագործ վարեալ լուսաւորէր (ԱԳԹ. 468), որով պէտք չենք ունենար կարծել թէ կեանքին վերջին մասը հովուական գործունէութենէ վերջնապէս քաշուած ըլլայ: Իսկ Խորենացին կ՚ըսէ թէ իբրեւ եկն Ռըստակէս որդի նորին ի ժողովոյն Նիկիոյ, այնուհետեւ ոչ եւս երեւեցաւ յայտնեալ ումեք (ԽՈՐ. 178): Ըստ այսմ Արիստակէսի դարձը եւ Գրիգորի մահը իրարու անմիջապէս յաջորդող եղելութիւններ եղած կ՚ըլլան, Խորենացիին յիշելը թէ կեցեալ աներեւութաբար ամս բազումս փոխի մահուամբ (ԽՈՐ. 179), պէտք չէ իմանալ իբր բացարձակ անյայտացում, այլ երբեմն երեւելով եւ երբեմն ծածկուելով վարած առանձնացեալ ճգնաւորութիւն մը, զի այդ ընդհատումները յայտնապէս յիշուած են, եւ վկայուած է թէ մինչեւ ի վախճան կատարածին զայս առնէր ամ յամէ (ԱԳԹ. 468), այսինքն առաքելական գործունէութիւնը: Իսկ մահուան թուականը սովորաբար յետաձգուած էր մինչեւ 332, հետեւելով Խորենացիին ըսածին, թէ Գրիգորի քահանայանալէն մինչեւ մահը համարեալ թուին ամք երեսուն (ԽՈՐ. 178): Այդ հաշիւը կ՚իւրացնէ Սամուէլ Անեցի, ենթադրելով որ Նիկիոյ ժողովն ալ 331-ին տեղի ունեցած ըլլայ (ՍԱՄ. 64): Ազգային պատմագիրներ, Խորենացիէն սկսելով, շատ տկար են ժամանակագրական հաշիւներու մէջ, որով պատմական եղելութիւններն ալ կը շփոթեն եւ ժամանակակից յարաբերութիւնները կը խանգարեն: Նիկիոյ ժողովին թուականը այժմ ստուգապէս հաստատուած է 325-ին ամառին, որով Լուսաւորչի մահն ալ միեւնոյն տարուան վերջերը, առառաւելն յաջորդին սկիզբները, պէտք է դնել: Լուսաւորիչ ուրախացեալուղղափառ հաւատոյ յաղթանակին համար, վերջին անգամ մըն ալ Մանեայ Այրէն կ՚իջնէ ժողովուրդին մէջ, ուր Արիստակէս գայ եւ հանդիպի հօրն եւ արքային ի Վաղարշապատ քաղաքի (ԽՈՐ. 177), եւ անկէ վերջն է, որ այլեւս չէ տեսնուած վերահաս մահուանը պատճառով: Լուսաւորչի ծնունդը 239-ին եւ մահը 325-ին եւ կամ 326-ին սկիզբը դնելով 86 տարի ապրած կ՚ըլլայ, որ կը համապատասխանէ բոլոր պատմական պահանջներուն: Միայն հայրապետութեան տարիները 30-է 23-ի պէտք կ՚ըլլայ զեղչել, ինչ որ անհրաժեշտ է ժամանակագրութիւնը ուղղելու համար: Վասնզի Խորենացիին հաշիւը թէ' կաթողիկոսներու, թէ' թագաւորներու, եւ թէ' կայսրներու տարիներուն մէջ հաստատապէս եւ հաւասարապէս 24 տարիներու յաւելուածական սխալ մը ունի, եւ այդ 24 տարիները պէտք կ՚ըլլայ համեմատական զեղջով ուղղել, ինչպէս ուրիշ գրութեամբ ապացուցած ենք (09 ԱՄՍ. 197): Նկատողութեան արժանի է որ ամէն սուրբերու մահուան օրը տօնելի եղած ատեն, Լուսաւորիչին համար այդ տօնը տեղի չէ ունեցած: Հին տօնացոյցը վիրապէն ելնելու տօնը նշանակած է սահմի 10-ին, եւ հաւանական է որ այդ յիշատակը նոյնիսկ կենդանութեան ատենէն սկսած ըլլայ: Նշխարաց գիւտին տօնը հարկաւ ոսկրներուն յայտնուելէն ետքը կարգադրուած է` իբրեւ գլխաւոր տօն: Իսկ վիրապ մտնելուն տօնը հին տօնացոյցի մէջ կը պակսի, եւ հաւանաբար ուշ ատեն հաստատուած է: Երեք տօներ պէտք չէ շատ սեպուին երիցս տօնելի, սուրբ եւ մեծ նահատակին համար, որ մերոյ լուսաւորութեան լուսաւոր վերակացուն լինելով (ԽՈՐ. 180) Լուսաւորիչ անունը ժառանգեց: