Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ՎՐԹԱՆԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ

87. ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Վրթանէսի նախընթացին վրայ ալ խօսած գտնուեցանք, յիշելով իր ծնունդը 46), առաջին կեանքը, եւ Հայաստան գալը 73): Վրթանէս աշխարհիկ կեանք վարեց եւ ամուսնացաւ Կեսարիա եղած ատեն, բայց անորդի մնացած ըլլալով, աղօթքի եւ ուխտի դիմեց, եւ ի ծերութեան նորա լուաւ Տէր աղօթից նորա, եւ ունեցաւ երկուս որդիս երկուորեակս (ԲԶՆ. 10): Ծերութեան ատեն զաւակ ունենալը բառացի կերպով հնար չէ մեկնել, որովհետեւ իրմէ մինչեւ Սահակ, որ է իր թոռան թոռը, պէտք է չորս ծնունդ զետեղել, եւ Սահակի ծնունդն ալ 350-էն անդին հնար չէ յետաձգել: Ուստի բաւական կը սեպենք ըսել թէ երեսունը անցուցած զաւակի տէր եղած է: Իր ծնունդը 262-ին դրուած ատեն, 295-ին կ՚իյնայ երկուորեակներու հայր լինելը, որք եղան Գրիգորիս եւ Յուսիկ: Վրթանէսի ընտանեօք Հայաստան գալն ալ 310-ին հաշուելով, 15 տարեկանի մօտ պատանիներ եղած կ՚ըլլան այն ատեն իր զաւակները, որոնք առանձինն խնամքի ու գուրգուրանքի առարկայ եղան, եւ սնան զառաջեաւ թագաւորին Հայոց, եւ ուսման գրոց փոյթ ի վերայ կալան ուսուցանել զնոսա (ԲԶՆ. 10): Պատմութեան մէջ բնաւ յիշատակ չկայ երկուորեակներուն մօրը վրայ, եւ ոչ ալ Վրթանէսի ուրիշ զաւակ ունեցած ըլլալը կը յիշուի, որով բոլորովին անհիմն չէր լիներ կարծել, թէ կինը վաղամեռիկ եղած է, եւ Վրթանէս այրիացեալ եկած է Հայաստան: Վրթանէսի զբաղման կամ արհեստին մասին ալ ակնարկ չենք գտներ բնաւ, եւ Յայսմաւուրքին համեմատ Կեսարիոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուած լինելը (ՅԱՅ. Բ. 266 եւ ՎՐՔ. Գ. 484) իբրեւ ստոյգ չենք նկատեր, որովհետեւ ոչ միայն Ագաթանգեղոս եւ Բուզանդ եւ Խորենացի, այդպիսի յիշատակութիւն չունին, այլեւ Վրթանէս Արիստակէսի յետադասուած չէր ըլլար Գրիգորի օգնական ձեռնադրուելուն մէջ, եթէ արդէն քահանայ էր, մինչ Արիստակէս պարզ միայնակեաց էր եւ եկեղեցական չէր: Հաւանական է որ Վրթանէսի երէց կոչուիլը, որ պարզապէս մեծ զաւակ ըլլալը կը նշանակէ, եկեղեցական երէցի կամ քահանայի իմաստով առնուած է, եւ անկէ յառաջ եկած թիւրիմացութիւն մըն է Վրթանէսի քահանայ կարծուիլը:

88. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ

Բայց եթէ Վրթանէս եկեղեցական չէր Հայաստան եկած ատեն, եւ իր կրտսեր եղբօրմէն առաջ եկեղեցականութեան չմտաւ, աներկբայապէս աւելի ուշ այդ կոչումը ընդունեցաւ, եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները իր հօրմէն ստացաւ: Այս կարծիքը բնական կերպով կը հետեւի Վրթանէսի հայրապետութեան անցնելուն մասին պատմիչներուն գործածած բացատրութենէն, վասնզի կը գոհանան յաջորդեաց զաթոռն (ԽՈՐ. 179), եւ եղեւ քահանայապետ (ԲԶՆ. 6) բառերով, ոչ ընտրութիւն, ոչ ձեռնադրութիւն, եւ ոչ Կեսարիայի խօսք չեն ըներ բնաւ: Ինչպէս ժառանգական իրաւամբ եւ ստացուած աստիճանով Արիստակէս յաջորդեց Գրիգորի, միեւնոյն կերպով ալ Վրթանէս կը յաջորդէ Արիստակէսի, եւ միտքի մօտ է ենթադրել, որ երբ Գրիգորի տարիքը աւելի յառաջացաւ, եւ իր միայնակեաց առանձնութիւնը աւելի սովորական դարձաւ, եւ միայն Արիստակէս չէր կրնար ամէն բանի հասնիլ, Վրթանէսն ալ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալով, հօրը օժանդակելու սկսաւ: Եւ եթէ ներեալ է պարագաները իրարու մերձեցնելով պատմական հետեւանքներ կազմել, յարմարագոյն է այդ ձեռնադրութիւնը ամենէն ուշ 324-ին դնել, երբ Արիստակէս պարտաւորուեցաւ Հայաստանէ հեռանալ Նիկիոյ ժողովին երթալու համար, եւ Գրիգորը չէր կրնար առանց օգնականի մնալ, եւ իր զաւակէն ընտրելագոյն օգնական մը հնար չէր նշանակել: Նկատի պէտք է առնել ազգին մէջ տիրացած փափաքն ու կարծիքը, որ Լուսաւորչին արենակցութեան վրայ հիմնած էր արժանաւորութեան գերագոյն փաստը: Այդ տեսութեանց համաձայն Վրթանէս շարունակեց եղբօրն ալ օժանդակել, հօրը մեռնելէն ետքը, եւ հայրապետ ճանչցուեցաւ եղբօրը սպաննուելէն ետքը: Եղերական պարագան ալ չէր ներեր աւելի ձեւակերպութեանց ձեռնարկել:

89. ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Վրթանէս 333-ին հայրապետ հռչակուած ատեն 71 տարեկան եղած կ՚ըլլայ, իսկ իր պաշտօնավարութեան տեւողութեան համար նշանակուած 15 տարին, դժուարին կը լինի պատմական հանգամանքներու համաձայնեցնել, ուստի 24 տարիներու ստիպողական զեղչին մի մասն ալ Վրթանէսի տարիներուն վրայ կը պարտաւորուինք ընել, եւ 15 տարիները երկու եղբայրներուն վրայ տարածելով, 8 տարի միայն տալ Վրթանէսի մինչեւ 341, եւ մերձաւորաբար 79 տարեկան հասակին մէջ վախճանած դնել: Այս կերպով Խորենացիին բացատրութիւնը, յետ լնլոյ հնգետասան ամաց եպիսկոպոսութեան մեծին Վրթանայ (ԽՈՐ. 197), իմացած կ՚ըլլանք ոչ եպիսկոպոսապետութեան, այլ պարզ եպիսկոպոսութեան վրայ, զոր վերեւ յարմար դատեցինք Արիստակէսի Նիկիա մեկնելուն պարագային հետ կցել 88), որ Գրիգորի վերջին տարին էր, որով 15 տարիները Լուսաւորիչի մահուընէն հաշուուած կ՚ըլլան, եւ երկու եղբայրներուն հայրապետութեան տարիներուն կը պատասխանեն: Այդ հաշիւը կ՚արդարացնէ եւս Վրթանէսի մահուան յերրորդ ամի Տիրանայ տեղի ունեցած ըլլալը, զի թէպէտ 24 տարիներու յաւելուած մը կայ Խորենացիին ժամանակագրութեան մէջ, բայց այդ սխալը թագաւորներուն եւ կաթողիկոսներուն հասարակ լինելով, պէտք է զեղչեր ըրած ատեննիս կշիռը չկորսնցնել, եւ գլխաւոր պատահարները դէմ դէմի բերել: Որդւոց եւ Թոռանց ներբողաբանն ալ Վրթանէսի համար կ՚ըսէ, թէ մեռաւ վաղագոյն հրաժեշտ խնդրելով յախտալի կենացս (ՍՈՓ. Ժ. 18), եւ խօսքը չէր արդարանար եթէ հնգետասնամեայ հայրապետութեան եւ իննսնամեայ տարիքի հասած ենթադրել ուզէինք: Վերջապէս, ինչպէս պիտի տեսնենք, շատ աշխատալի եղան Վրթանէսի վերջին տարիները, եւ դժուար էր իննսնամեայի մը այդ յոգնութիւնները եւ ուղեւորութիւնները կատարել:

90. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Վրթանէս հայրապետի գործունէութեան պարագաները ուսումնասիրելով կը տեսնենք անոր վրայ քաղաքական գործերու մէջ փորձառու յաջողակութիւն մը, որով գիտէ պետական եւ դիւանագիտական խնդիրներու մէջ նախաձեռնութիւն ստանձնել, եւ դժուարակնճիռ առիթները դիւրին լուծման յանգեցնել: Այս տեսութիւնը իրաւունք կու տայ հետեւցնել, որ Վրթանէս Հայաստան գալէն մինչեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ժամանակը, իբր 15 եւ թերեւս ալ աւելի երկար տարիներ, պետական գործեր վարեց Տրդատի արքունիքին մէջ, եւ արքունական պաշտօնէի դիրքն ունեցաւ: Արդէն իր զաւակներուն զառաջեաւ թագաւորին Հայոց սնանիլն ու ուսանիլն ալ իրենց հօրը թագաւորին մօտիկ անձ մը լինելը կը թելադրէ: Երբոր Վրթանէս կաթողիկոսացաւ` Խոսրով Կոտակ իր գահին վրայ հաստատուած հանդարտ թագաւորութիւն կը վարէր, եւ երկիրն ալ խաղաղութիւն եւ շինութիւն, մարդաշատութիւն եւ առողջութիւն, պտղաբերութիւն եւ ստացուածաշատութիւն եւ շահեկանութիւն կը վայելէր (ԲԶՆ. 6): Բայց շատ չերկարեցին այդ խաղաղութեան օրը, որովհետեւ 337-ին կը լրանար քառասնամեայ խաղաղութեան պայմանագիրը, որ 287-ին կնքուած էր Դիոկղետիանոսի եւ Նորսէհի միջեւ: Նոյն տարին կը մեռնէր եւ Կոստանդիանոս, որուն անունն ու զօրութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունէր Պարսիկներուն վրայ, եւ Շապուհ Բ. առիթ կ՚առնէր Հայաստանի նկատմամբ ունեցած բաղձանքները իրագործել, եւ Հոռոմաց ազդեցութիւնը վերջացնել, օգտուելով Հայ նախարարներուն յեղյեղուկ եւ անձնական քաղաքականութենէն, որք ամենայն դիւրութեամբ ուղղութիւն եւ գործունէութիւն կը փոփոխէին: Խոսրով Կոտակ նկատուած է փոքր յանձնէ եւ անարի ոսկերօք (ԽՈՐ. 192), զքաջութենէ եւ զբարի յիշատակաց անփոյթ արարեալ անձ մը (ԽՈՐ. 194), ուստի շատ աւելի կը պարտաւորուի Վրթանէս, անբաժին աշխատակցիլ անոր, եւ այս է պատճառը որ պատմիչներ ամէն պարագային թագաւորն Խոսրով եւ մեծ եպիսկոպոսապետն Վրթանէս անունները մէկտեղ կը յիշատակեն: Երբոր Պարսից առաջին յարձակման ատեն, Դատաբէն Բզնունի, որ հայագունդ բանակին հրամանատարն էր, նենգութեամբ թշնամիին հետ կը միանար, եւ կամէր անկանել ի վերայ թագաւորին Հայոց. Վրթանէս Խոսրովի մօտն էր զայն քաջալերելու եւ Վաչէ Մամիկոնեանի սպարապետութեամբ նոր բանակ մը կազմելու, որ Առեստի ճակատամարտին մէջ թշնամին կը հալածէր եւ Դատաբէնը գերի կը բերէր թագաւորին (ԲԶՆ. 19): Նոյն եղելութիւնք կը կրկնուէին, երբոր Բակուր Աղձնեաց բդեշխն ալ ետ ձեռս յարքայն Պարսից (ԲԶՆ. 21): Նմանապէս երբոր Սանատրուկ Արշակունի, որ եւ Սանեսան, բդեշխ հիւսիսային կողմանց, Շապուհի դրդմամբ գլուխ կը քաշէր, եւ զինքն Մազքթաց թագաւոր հռչակելով, եւ բոլոր հիւսիսային երկիրներու խառնիճաղանճ եւ վաչկատուն ազգերը հաւաքելով Հայաստան կը յարձակէր եւ մինչեւ Վաղարշապատ կը հասնէր, նորէն մեծ եպիսկոպոսապետն Հայոց բանակին մէջն էր, եւ իր օրհնութեամբ կը մղուէր ճակատամարտը դարձեալ Վաչէի հրամանատարութեամբ, եւ երկիրը կը մաքրուէր աւերիչ հրոսակէն (ԲԶՆ. 17): Շապուհի բացած մեծ պատերազմին առթիւ ալ, ուր Վաչէ Մամիկոնեան սպարապետ մեռաւ, ժողովէր եպիսկոպոսապետն Վրթանէս եւ մխիթարէր զամենեսեան (ԲԶՆ. 26): Մէկ խօսքով ամէն քաղաքական եղելութեանց մէջ յատուկ եւ յաջողակ գործունէութեան մաս մը ունեցաւ Վրթանէս, հայրապետական հոգածութեանց արթուն հսկողութիւնն ալ զանց չընելով:

91. ՏԻՐԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Աւելի կարեւոր գործունէութեան ասպարէզ կը բացուէր Վրթանէսի, երբոր Խոսրով Բ. Կոտակ կը մեռնէր 339-ին, եւ կը թագաւորէր իր որդին Տիրան, եւ ծանր դժուարութեանց կը հանդիպէր, որովհետեւ Շապուհ հզօր բանակով մը իր իսկ որդին Ներսէհը Հայաստան կը ղրկէր, երկիրը գրաւելու եւ այնտեղ թագաւորելու համար (ԽՈՐ. 196): Տիրան չկրցաւ դիմադրել այդ յարձակման, մանաւանդ որ նախարարներուն մէկ մասն ալ շահուած էր Պարսից կողմը: Տիրան կը պարտաւորուէր հեռանալ եւ դիմել Յունաց օգնութեան. Վրթանէս ալ, որ յունասեր կուսակցութեան գլխաւորներէն էր` քրիստոնէական եղբայրակցութեան սկզբունքով, Տիրանի հետ կը մեկնէր Կոստանդնուպոլիս, անոնց օգնութեամբ Տիրանը դարձնելու համար (ԽՈՐ. 196): Հայոց թագաւորի մը կայսեր դիմելու յիշատակութիւնը կը գտնենք նաեւ Յուլիանոս կեսարէն Կոստանդ կայսեր ուղղած բանախօսութեան մէջ, ուր պարսկասէր կուսակցութեան զօրանալը, եւ Հայոց թագաւորին եւ անոր հետ Յունաստան ապաստանող նախարարներուն, կայսեր օգնութեամբ իրենց տեղը վերադառնալը յայտնապէս յիշուած են (ԳԱԹ. Բ. 463): Տիրանի բացակայութեանը միջոցին, իր կուսակցութիւնը շարունակեց պատերազմը պարսիկներուն դէմ, սպարապետութեամբ Արշաւիր Կամսարականի, որպէս գլխաւորի եւ յոյժ պատուականի զկնի արքայի (ԽՈՐ. 196), եւ փառաւոր յաղթութիւն մըն ալ կատարեց Մռուղի ճակատամարտին մէջ, որով աւելի եւս դիւրացաւ կայսեր տուած օգնութեան յաջող ելքը: Իսկ հայրապետական աթոռին գործերը, Վրթանէսի բացակայութեան, կրցան հոգացուիլ Աշտիշատի եպիսկոպոս Փառէնի ձեռքով, վասնզի նա էր այն միջոցին եկեղեցական դասակարգին աւագագոյն անձնաւորութիւնը, թէ իր դիրքով եւ թէ իր արժանաւորութեամբ: Յունաց կայսեր հետ բանակցութեանց յաջող ելքը լրումն է Վրթանէսի քաղաքական արդիւնաւորութեանց փառաւոր շարքին:

92. ԴԱՎԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԸ

Եթէ Վրթանէսի արդիւնքն ու արժանիքը գնահատելի եւ գովելի էին ոմանց համար, նոյները պէտք էր թշնամութեան յորդորէին ուրիշները, որ անոր ուղղութեան հակառակ կը քալէին: Հայաստանի մէջ յունասէր եւ պարսկասէր կուսակցութեանց ներհակընդդէմ ընթացքը բաւական յայտնի տեսնուեցաւ մինչեւ հիմա պատմուածներէն, իսկ Գրիգորի եւ բոլոր իր ազգատոհմին յունասէր կողմին հետ լինելը բնական էր, թէ անձնական յարաբերութեանց եւ թէ կրօնական սկզբանց տեսակէտէն: Վրթանէս այդ երեսէն քիչ մնաց որ դաւաճանութեան մը զոհ երթար: Նա եկած էր Տարոնի գաւառը, ուրըստ հանապազ սովորութեան Աշտիշատի մեծ աշխարհատօնը պիտի կատարէր Լուսաւորիչէ հրամայուած կարգադրութեան համեմատ 64): Պատմիչը կ՚ըսէ թէ ամի ամի եօթն անգամ այդ հանդէսը կը կատարուէր, բայց կ՚երեւի թէ ոչ ամէնքը Աշտիշատի մէջ, այլ Գլակ, Եղրդուտ, Տիրինկատար, Կուրաւ ալ իրենց յատուկ տօներն ունէին միեւնոյն Տարոնի գաւառին մէջ (ԲԶՆ. 7): Երկու հազար լեռնականներ ի բնակչաց Սիմ լերին (ՍՈՓ. Ժ. 52), որ է այժմեան Սասունը, եւ որք տակաւին զհնութիւն կռապաշտութեան հեթանոսութեան ունէին (ԲԶՆ. 7), ի սադրելոյ նախարարացն (ԽՈՐ. 188), եւ սակաւ մի խորհուրդ համարձակութեան ի կնոջէ թագաւորին առնելով (ԲԶՆ. 8), յանկարծ եկան Վրթանէսը սպաննելու միտքով, երբ նա Աշտիշատի մայր եկեղեցւոյն մէջ զպատարագն կատարէր (ԲԶՆ. 8): Բայց յարձակողներ անըմբռնելի ձեռամբ կապեալ կասեցան (ԽՈՐ. 188), եւ այդ նախախնամական պաշտպանութեամբ Վրթանէս ազատեցաւ, եւ անվնաս կերպով անցավ Եկեղեաց գաւառը, եւ ապաւինեցաւ Թիլ աւանը, որ իրենց կալուածն էր: Այդ դիպուածին ատենը լաւ ճշդուած չէ, բայց իդէպ է զայն դնել այն միջոցին երբ Խոսրովի վերջին տարիներուն մէջ մեծամեծ յուզմունքներ սկսած էին Պարսից արշաւանքին երեսէն, եւ երբ նախարարութիւնք յանիշխանութեան մնացեալք յարեան ազգ յազգի վերայ կոտորել զմիմեանս (ԽՈՐ. 188): Իսկ մեծին Հայոց տիկնոջ (ԲԶՆ. 8), այսինքն Հայոց մեծ տիկնոջ` այդ դաւաճանութեան մասնակից եղած ըլլալը, Խոսրովի կնոջ վրայ հնար չէ իմանալ, քանի որ Վրթանէս անոր դատը կը պաշտպանէր: Այլ պէտք է ըսել թէ սա Աղձնեաց ապստամբ բդեշխին Բակուրի կինն էր, որ հարաւային գաւառներու մէջ իբր թագաւոր իշխելու յաւակնութիւն ունեցած էր: Տարոն Աղձնեաց նահանգին սահմանակցութեան վրայ է, եւ Վրթանէսի այն կողմերը գալը առիթ տուած է ապստամբին, Վրթանէսի անձին դէմ ունեցած թշնամութիւնը յագեցնելու:

93. ՄԱԿԱՐԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Վրթանէսի քաղաքական գործունէութեամբը զբաղեցանք ցարդ, սակայն ոչ նուազ հոգածու էր նա եկեղեցական բարեկարգութեանց մասին, ինչպէս կը յայտնուի զանազան յիշատակներէն: Կանոնագիրքին մէջ կը գտնուին 9 գլուխ կանոններ` բարոյական եւ ծիսական բարեկարգութեանց պատկանող, զորս Մակար, պատրիարք Երուսաղէմի, կը յղէ առ քրիստոսասէր եւ երկիւղած եպիսկոպոսապետդ տէր Վրթանէս, եւ առ համօրէն եպիսկոպոսս եւ քահանայս Հայոց (ԹՂԹ. 408): Արդ, Մակարի համար գիտենք թէ 314-ին հայրապետ եղած եւ 334-ին վախճանած է, եւ այս ալ նոր փաստ մըն է մեզի, թէ հնար չէ Վրթանէսի կաթողիկոսանալը 340-ին յետաձգել, ինչպէս սովորաբար կը կարծուէր: Գալով Մակարի կանոններուն, յառաջաբանին մէջ ըսուած է թէ Վրթանէսի հարցումները Երուսաղէմ բերուած են ի ձեռն երկիւղածաց քահանայից, թէ պատասխանելու համար անոնք քննուած են առաջի բազմութեան եպիսկոպոսաց, որք մի մի ժողովեալ յիւրաքանչիւր քաղաքաց պատրիարքութեան Երուսաղէմի (ԹՂԹ. 407): Անկէ ետքը, Մակար կը յիշէ շատ մը անկարգութիւններ, զորս եկող քահանաները պատմած են, թէ իրենց կողմերը մկրտութեան համար յատուկ աւազան ալ չունին, միւռոն չեն պատրաստեր, բոլոր զգայարանները չեն օծեր, եւ թէ ձեռնադրութեամբ ժառանգաւորքն միապատիւ հաւասարին, եւ ոչ ընդ ատելեօքն հնազանդին (ԹՂԹ. 408), որ է ըսել թէ նուիրապետական դասակարգութեան աստիճանները չեն յարգեր: Ճիշդ այդ կէտերն են զորս կը շօշափեն Մակարի կանոնները (ԿԱՆ. 43): Վերջին կանոնին մէջ Բասենի եւ Բագրեւանդի եպիսկոպոս Տուրգիոսի մը խօսքը կայ, որ սակաւուք ընդ Արիանոսս միաւորեալ է (ԹՂԹ. 412), ինչ որ կը ցուցնէ թէ Արիանոսաց մոլորութեան հետեւողներ Հայաստանի մէջ ալ կը գտնուէին: Թուականները բաղդատելով կը հետեւցնենք թէ Վրթանէս, 333-ին հայրապետութիւնը ստանձնածին պէս, մտադրութիւն դարձուցած է եկեղեցական անկարգութիւնները վերջացնելու, եւ իրեն առջեւ հաստատուն ուղեցոյց մը ունենալու համար դիմած է Սուրբ Տեղեաց հայրապետին, նախնական ծէսերը իմանալու եւ Մակարի պէս նշանաւոր հայրապետի մը հեղինակութեամբ զօրանալու համար: Այդ դիմումը կը հաստատէ միանգամայն թէ Հայերը Կեսարիոյ աթոռին հետ հպատակութեան կանոնական կապ մը չունէին, եւ իբր ազատ աթոռ, ուրտեղէն որ յարմարագոյն կը սեպէին, պէտք եղած տեղեկութիւնները կը քաղէին: Հարկաւ ոչ ոք պիտի կարենայ ըսել թէ Հայաստան Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներքեւ էր, որ հազիւ 8 տարի առաջ Նիկիոյ ժողովին եօթներորդ կանոնովը հաստատուած էր (ԿԱՆ. 28):

94. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Մեր եկեղեցական արարողութիւններէն ամենուն սիրտին մօտ պարագայի մը սկզբնաւորութիւնն ալ Վրթանէս հայրապետի անունին հետ կ՚երթայ կը միանայ: Յիշեցինք արդէն 90) Պարսից մեծ պատերազմը, ուր մեռաւ Վաչէ Մամիկոնեան սպարապետ, եւ իրեն հետ բաւական թուով նախարարազուն զօրավարներ եւ բազմաթիւ հայազգի զօրականներ: Արկածը ծանր էր եւ ամէնքը անձկայրեաց տրտմութեամբ եւ արտասուակաթ ողբովք եւ ծանրաթախիծ հոգով, մեծաւ կոծով եւ անհնար աշխարանօք պաշարեալք էին (ԲԶՆ. 26): Վրթանէս սկսաւ բացատրել, թէ անոնք որ այդ պատերազմին մէջ ինկան, յաղագս աշխարհի եւ եկեղեցւոյ եւ աստուածագործ օրինացն մեռած էին, որպէսզի եկեղեցիք եւ սրբութիւնք անհաւատներուն ձեռքը չիյնան, եւ սուրբ հաւատքը չանարգուի, թէ անոնքբարեպաշտութեան նահատակ եղան, եւ ընդ վկայս Քրիստոսի է նոցա համար պատուոյ, ուստի պէտք է որ դիցուք ընդ աշխարհս օրէնս յաւիտեանս յաւիտենից, որպէսզի իբրեւ Քրիստոսի նահատակաց անոնց յիշատակը տօնուի: Այդ բացատրութեամբ եդ օրէնս ընդ աշխարհն` մեծ քահանայապետն Վրթանէս, զնոցա առնել յիշատակն ամ յամէ: Եւ ոչ միայն Վաչէեան բանակին նահատակուած զօրավարներուն եւ զօրականներուն յիշատակը, այլեւ հրամայեց, որ այսուհետեւ որք փոխանակ աշխարհին փրկութեան մեռանիցին ի նմանութեան նոցա, անոնց հետ յիշատակուին անխափան (ԲԶՆ. 27): Այս ամէնը յայտնի կը ցուցնէ, թէ եկեղեցւոյ մէջ առաջ Վաչէեանց տօնն է սկսած կատարուիլ, անոնց հետեւողներն ալ հետզհետէ միասին կցելով, որոնց մէջ աւելի փառաւոր եւ աւելի նշանաւոր տեղ մը գրաւեցին Վարդանանք յաջորդ դարուն մէջ, եւ անոնց անունով սկսաւ յորջորջուիլ Վրթանէսի հաստատած տօնը: Այդ տեսութեամբ, իր ճիշդ բացատրութիւնը կ՚ընդունիԱզգային տօն կամ Ազգային յիշատակ անունը, որով այսօր ալ կը յատկանշենք Վարդանանց տօնը: Պատմիչը կը յաւելու եւս, թէ Վրթանէս եդ կանոն, յիշել զսոսա ի ժամ պատարագին, յորժամ զանուանս սրբոյն կարգիցեն, եւ ապա զկնի նոցա զնոցայն (ԲԶՆ. 28): Բայց յայտնի չէ թէ ամենօրեայ յիշատակութիւն, թէ ոչ տօնին օրը կատարուելիք յիշատակութեան համար է Վրթանէսի դրած կանոնը: Ամէն առթի մէջ Վրթանէսի անունին համար մեծ գովեստ է, ազգային նահատակներուն տօնին հիմնադիրն ու սկզբնաւորողն եղած ըլլալը:

95. ՄԱՀՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ

Վրթանէսի արդիւնաւոր հայրապետութիւնը ութը տարի տեւեց, ինչպէս վերեւ հաշուեցինք 89), եւ գրեթէ ութսունամեայ, կամ 79 տարեկան, կնքեց խաղաղութեամբ իր բազմաշխատ կեանքը, 41-ին, միշտ մեծամեծ դժուարութեանց հետ մաքառելով, եւ ամէն տեսակ պարագայից մէջ փորձառու եւ գործունեայ հովուի համբաւը արդարացնելով: Մահուան տեղւոյն յիշատակութիւնը չունինք: Ժամանակին հայրապետներուն կեդրոնը Վաղարշապատն էր հարկաւ, եւ Ս. Էջմիածնի կաթողիկէն իրենց աթոռը, բայց իրենց պաշտօնավարութիւնը առաքելական էր, եւ ձեւական պայմաններու ենթարկուած չէր, ուստի երկրին զանազան կողմերը կը շրջէին, եւ իրենց ցրիւ կալուածներուն մէջ կը դադարէին: Եթէ մեռած տեղը չէ յիշուած, թաղման տեղը ամէն պատմիչներու համաձայնութեամբ ցուցուած է Դարանաղեաց Թորդան աւանը, որ նոյն անունով կը մնայ ցարդ Կամախու վիճակին մէջ, եւ ուր Իննսրբոց կոչուած Ս. Փրկիչ վանքը կը պարունակէ շատ գերեզմաններ, որոնց մէջ նաեւ Գրիգորի եւ Տրդատի գերեզմանները: Վրթանէս Թորդան մեռած չէր, վասնզի ժողովեցան ամենայն աշխարհն Հայոց հայրապետին մեռած տեղը, եւ անկէ մեծահանդէս թափօր կազմելով, եւարքունական կառօք բերին մարմինը մինչեւ ի գիւղն Թորդան: Այդ առթիւ Բուզանդ կը գրէ, թէ անդ առ մեծի հայրապետին Գրիգորի կը հանգչեցնէին Վրթանէսի մարմինը (ԲԶՆ. 29): Բառերուն իմաստը այնպէս կը ցուցնէ, թէ Գրիգորի ոսկորները արդէն Թորդան էին, երբոր Վրթանէս մեռաւ: Ընդհակառակն, Խորենացին կը կարծէ, թէ տեսակ մը նախագուշակութեամբ կ՚ընէին զայդ, իբրեւ մարգարէական ակամբ հայեցեալ, որ զկնի բազում ժամանակաց, եւ հօրն յայնտեղի հանգուցան նշխարք (ԽՈՐ. 197), այսինքն թէ Լուսաւորչի նշխարքը տակաւին Թորդան փոխադրուած չէին:

96. ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ

Այդ պարագան առիթ կու տայ մեզ խօսիլ Լուսաւորիչի ոսկորներուն կամ նշխարներուն գիւտին վրայ: Եղելութիւնը ընդհանուր եւ համաձայն աւանդութեամբ հաստատուած է, ինչպէս եկեղեցական տօներուն կարգն ալ կը հաստատէ, որ փոխանակ ուղղակի Լուսաւորիչի անունին տօն մը ունենալու` իր մահուան յիշատակին, Գիւտ նշխարաց անունով ճանչցուած է նորա մեծ տօնը: Բայց որչափ եղելութիւնն աներկբայ, նոյնչափ ժամանակը անորոշ: Սովորական պատմութիւններ զայն կը յետաձգեն մինչեւ Ե. դար, Սահակ հայրապետի օրերը. սակայն ժամանակակից պատմագիրներ նոյն հայրապետին ամէն գործերը մանրամասնաբար յիշատակած ատեն, այսպէս նշանաւոր եղելութեան մը բնաւ չեն ակնարկեր: Քանի որ գիւտին ժամանակը խնդրոյ նիւթ կ՚ըլլայ, մենք չէինք սիրեր այդչափ հեռու թողուլ զայն, եւ այդչափ երկարատեւ անհոգութիւն մը քսել մեր հայրերուն ճակտին: Ինչպէ՞ս ենթադրել, որ եւ ոչ մտածած ըլլան մինչեւ Սեպուհ բարձրանալ, եւ լերան վրայ գտնւող հովիւներուն հարցուփորձ ընել, եւ ամենուն պաշտած Լուսաւորիչը փնտռել: Ուստի մենք իբրեւ պատմական ստուգութիւն կ՚ընդունինք, թէ Վրթանէսի թաղուած ատեն, արդէն Թորդանի մէջ էին Լուսաւորչի ոսկորները, եւ հօրը քով դրուեցան որդւոյն ոսկորներն ալ: Արիստակէսի մարմնոյն Թորդան չտարուելով Թիլ աւանի մէջ թաղուիլը, կրնար մտածել տալ թէ տակաւին Թորդան չէին բերուած հօրը ոսկորները, բայց աւելի հաւանական կը սեպենք ըսել, թէ նահատակ հայրապետին աշակերտները` Արքեղայոսէ վախնալով, փութացած են ամենէն մօտ կալուածին մէջ թաղել եւ ապահովել Արիստակէսի մարմինը: Համառօտաբան պատմագիր մըն ալ Վրթանէսի հայրապետութեան անցնելուն հետ կը կցէ Լուսաւորիչի նշխարներուն գտնուիլը (ՍՈՓ. 51), սակայն այդ չի ստիպեր հարկաւ Վրթանէսի հայրապետանալէն ետքը դնել նշխարաց գիւտը: Աւելի յստակ է նոյն տեղ գրուած ուրիշ պարագայ մը, ուսկից կը հետեւի թէ Տրդատի մահը Գիւտ նշխարացէն ետքը տեղի ունեցած է, իբր զի այդ պարագայով է, որ Տրդատն ալ Թորդանի մէջ թաղուած է, մերձ եդեալ ի քնարանս սրբոյն Գրիգորի: Արդ, որովհետեւ Տրդատի մահը 330-ին դրինք Արիստակէսի օրով, Գիւտ նշխարացը պէտք կ՚ըլլայ ա'լ աւելի կանխել, եւ ընդունիլ թէ մեռնելէն քիչ ետքը Լուսաւորչի ոսկորները Սեպուհէ բերուած են Թորդան: Բասենցի Գառնիկ ճգնաւորի մը անունը անբաժան կերպով կապուած է նշխարաց գիւտին պատմութեան հետ, որուն Լուսաւորիչ տեսիլքով յայտնած կ՚ըլլայ իր ոսկորներուն տեղը: Այդպիսի տեսիլք մը անկարեւոր անձի մը վրայ ենթադրելի չլինելով, պէտք կ՚ըլլայ ըսել, թէ Գառնիկ նոյնինքն Գրիգորի ձեռնասուն աշակերտ եւ հետեւող մըն էր, որ իր սուրբ վարդապետին նշխարաց հետամուտ եղած եւ գտած է, եւ անկէ ետքը անոնք Սեպուհէ Թորդան փոխադրուած են, հաւանակագոյն հաշուով 328 տարին չվերջացած:

97. ՆՇԽԱՐԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄԸ

Բայց պէտք է ընդունիլ թէ երբ ցանկալի նշխարքը զետեղուեցան Թորդանի մէջ, ամբողջ ոսկորները տապանին մէջ չդրուեցան, այլ ժամանակին սովորութեան համաձայն, ոսկորներուն մի մասովը տապան մը կազմուեցաւ, եւ ուրիշ մասեր զանազան տեղեր ցրուեցան, եւ գլխաւորապէս տարուեցան Վաղարշապատ, եւ Լուսաւորչաշէն Մայր տաճարին մէջ հաւատացելոց բարեպաշտութեան առարկայ եղան: Ըստ այսմ երբ 450-ին Հայ նախարարներ կեղծ ուրացութեամբ Պարսկաստանէ կը դառնային, Բագրեւանդի մէջ զիրենք դիմաւորող եկեղեցականները խաչին նշանին հետ կը տանէինզնշխարս սրբոյ առաքելանման նահատակին Գրիգորի (ՓԱՐ. 55): Նոյնպէս Յովհան Մանդակունի, Վահան Մամիկոնեանի` սպարապետութեամբ Հայաստան եկած ատեն, զայն կը դիմաւորէր, սուրբ խաչին նշանէն զատ, սուրբ նշխարօք ճգնազգեաց նահատակին Գրիգորի (ՓԱՐ. 176): Ներսէս Շինող, Զուարթնոց տաճարը շինած ատեն, ի ներքոյ չորից սեանց հաստահեղուսիցն բաժանեալ դնէ զնշխարս ոսկերաց սրբոյն Գրիգորի: Նոյն կաթողիկոսն զքրիստոսադրոշմ եւ պատուական գլուխն սուրբ Լուսաւորչին, արտաքոյ ի գզրոցի եդեալ դնէ ի գանձարանս (ՅՈՎ. 107): Կը յիշուի նաեւ որ Զենոն կայսեր խնդրանօք ոսկորներէն մաս մըն ալ Կոստանդնուպոլիս փոխադրուեցան (ՎՐՔ. Գ. 359), եւ թէ այս նշխարները պահ մը անյայտացած ըլլալով վերստին գտնուեցան Միքայէլ Գ. կայսեր օրով, Թ. դարուն մէջ (ՎՐՔ. Գ. 362): Հանրածանօթ է Լուսաւորչի Աջին յարգը որ իբր կաթողիկոսութեան նշանակ նկատուած է ազգին կողմէն, եւ կաթողիկոսներու հետ տեղափոխուած, եւ այսօր ալ կը գտնուի Էջմիածնի մէջ, առանց մոռնալու որ երկրորդ աջ մըն ալ կը ցուցուի Սիսի մէջ: Իսկ Լուսաւորչի գլուխը այսօր ամենայն պատուով պահուած է Իտալիոյ Նէապոլիս (Napoli) քաղաքը, նոյնինքն Ս. Գրիգորիոս Արմենոսի (San Gregorio Armeno) կամ Հայոց Ս. Գրիգորին նուիրեալ եկեղեցւոյն մէջ, որուն մենք ալ այցելած եւ տեսած ենք, եւ կը պատմեն թէ Հայ կուսաններ փոխադրած են զայն Արեւելքէն, ասիական հրոսակներու արշաւանքներուն ատեն: Չենք խօսիր այն մանրմունր փշուրներուն վրայ, որոնք վերջին դարերու սովորութեան համեմատ ամէն կողմ ցրուած կը գտնուին, այլ միայն ուզեցինք շեշտել, թէ առաջին անգամ Թորդանի մէջ զետեղուելու ժամանակ ալ, Լուսաւորչի ոսկորները ամբողջապէս միեւնոյն տեղ ամփոփուած չեն:

98. ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Խոստացանք գործիս սկիզբը 2) Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կաթողիկոսներու վրայ բաշխած ատեննիս, ազգային տեսակէտէն կարեւոր եղելութիւնները, ժամանակակիցներու պատմութեան հետ յարակցել: Այդ նպատակով ահա կը մտնենք Աղուանից կաթողիկոս Գրիգորիսի նահատակութիւնը պատմել: Յիշած ենք արդէն, թէ Գրիգորիս Վրթանէսի երկուորեակ զաւակներուն երիցագոյնն է 87), պապենական անունով կոչուած, թէպէտ փոքրկացուցիչ մասնիկով Գրիգորը Գրիգորիս եղած, թէ իբր 295-ին ծնած է Կեսարիոյ մէջ, եւ 310-ին հօրը հետ Հայաստան եկած, եւ եղբօրը հետզառաջեաւ թագաւորին, այսինքն Տրդատի արքունեաց մէջ, սնած ու կրթուած (ԲԶՆ. 10): Բայց այդ առաջին կեանքէն ետքը երկու եղբայրներուն ընթացքը իրարմէ զատուած է, եւ երբ Յուսիկ հօրը նման պետական ծառայութեան կը մտնէ, Գրիգորիս հօրեղբօրը կրօնաւորական ընթացքին կը հետեւի, եւ անոր մօտ եկեղեցական ծառայութեանց կ՚աշխատի, կանուխ ալ կը քահանայանայ, եւ նուիրական պաշտօնէութեան մէջ օրինակելի հոգեւոր մեծանձնութիւն եւ արդիւնաւոր փութաջանութիւն կ՚արտայայտէ: Այդ եղած է պատճառ, որ թէպէտ յանլիութիւն աւուրցն հայելով անբաւական կը նկատուէր սակայն արժանեաց տեսութեամբ, Գրիգոր եւ Տրդատ համոզուեցան զայն Աղուանից կողմերուն եւ Փայտակարան նահանգին համար եպիսկոպոսապետ ձեռնադրել, քանի որ հիւսիսային կողմանց գործիչներն ալ կ՚ըսէին, որ երկրին մէջ քրիստոնէութիւնը զօրացնելու համար Գրիգորի զաւկէն եպիսկոպոս մը պէտք է, եւ կը վստահեցնէին թէ գիտեմք հաւաստի, թէ ի հռչակեալ անուանէն Գրիգորի ակնածեսցեն (ԽՈՐ. 189): Որչափ ալ Գրիգորիս տակաւին մանկահասակ, բայց հնար չէ հնգետասնամեայ եպիսկոպոս ձեռնադրուած ըսել Բուզանդին հետ (ԲԶՆ. 10), այլ 320-ին ատենները, շուրջ 25 տարեկան եղած ատեն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ առաքելական կոչում ստացած կ՚ըլլայ:

99. ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գրիգորիսի պաշտօնավարութիւնը եւ արդիւնքը կատարելապէս արդարացուցին իր վրայ դրուած ակնկալութիւնները, եւ քրիստոնէութիւնը ամրացնելու ու եւս քան զեւս տարածելու աշխատեցաւ, իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան ունենալով Սանատրուկ Արշակունին, որ հիւսիսակողմանց բդեշխ էր դրուած Տրդատէն, եւ Գուգարաց եւ Փայտակարանի նահանգներէն զատ, Վրաց եւ Աղուանից երկիրներուն վրայ ալ գերիշխանութիւն կը վարէր, եւ Կովկասեան բազմաճղի ցեղերուն վրայ ազդեցութիւն ունէր, հիւսիսէն մինչեւ Մազքթաց երկիրը եւ հարաւէն մինչեւ Ատրպատական: Բոլոր այս ընդարձակութեան վրայ կը տարածուէր նաեւ Գրիգորիսի հովուական հոգածութիւնը (ԲԶՆ. 13), եւ ամենայն ինչ յաջող կ՚ընթանար մինչեւ քառասնամեայ խաղաղութեան վերջը, մինչեւ հայ բդեշխներու Շապուհի դրդմամբ ապստամբութեան մղուիլը 90): Ասոնցմէ մին եղաւ Սանատրուկ Արշակունի, բայց Գրիգորիս չէր կարող անոր խորհուրդներուն համաձայնիլ եւ անոր ուղղութեան հաւանիլ, այլ հայրենասէր եւ եկեղեցասէր զգացմամբ, հաւատարմական պարտաւորութիւնները եւ հայրենական թագաւորութեան շահերը սկսաւ խօսիլ համարձակ: Այն միջոցին ալ Աղձնեաց բդեշխ ապստամբ Բակուրը Վրթանէսի կեանքին կը դաւաճանէր 92), Գրիգորիս ալ կը վտանգուէր ի դաւելոյ նորին Սանատրկոյ եւ այլոց ոմանց հանապազասուտ արանց Աղուանից (ԽՈՐ. 189): Բայց Գրիգորիս աներկիւղ կը մտնէր մինչեւ Սանատրուկի բանակը, հիւսիսային խառնիճաղանճ հրոսակին մէջ, որ հեթանոս ազգերէ հաւաքուած էր, եւ որոց Սանատրուկ կրօնապէս ալ համակերպութիւն կը ցուցնէր: Գրիգորիս առաքելական արիութեամբ սկսաւ քրիստոնէական սկզբունքներն ալ բացատրել այդ անսանձ բազմութեան: Գլխաւորներէն ոմանք հետաքրքրուեցան Գրիգորիսի խօսքերէն, եւ ուզեցին աւելի մօտէն իմանալ անոր քարոզութեանց հոգին, բայց լսելով որ յափշտակութիւններ եւ սպանութիւններ եւ այլոցկերութիւններ քրիստոնէական կրօնքէ կ՚արգիլուին, խորշելով սկսան ըսել. Զի՞ ոչ յափշտակեսցուք, զի՞ ոչ աւարեսցուք, զի՞ ոչ առցուք զայլոյ, ի՞ւ կեցցուք: Եւ ասկէ հետեւցուցին, թէ այս խորհուրդ Հայոց թագաւորին է, զսա յղել առ մեզ, զի այսու ուսմամբ խափանեսցէ զմեր արշաւանս (ԲԶՆ. 14), եւ անմիջապէս յախուռն որոշմամբ վճռեցին զայն սպաննել իբրեւ մատնիչ եւ լրտես: Իրենց բարբարոսական սովորութեամբ, ամեհի եւ վայրենի ձիու պոչին կապեցին երիտասարդ հայրապետը, եւ ձին արձակեցին Վատնեան դաշտին մէջ, Կասպից ծովին եզերքը (ԲԶՆ. 15). որ է այժմեան Դերբենդի հարաւակողմը Մուսքաթ կոչուած դաշտը: Մահուան կերպը եղած կ՚ըլլայ, ձիուն խօլական վազքէն ասդին անդին զարնուելով եւ մահացու հարուածներ ընդունելով. սակայն Խորենացիին ընթադրեալ ձիովքն բացատրութիւնը (ԽՈՐ. 189), կրնայ հաւասարապէս ձիերու ոտքին տակ կոխկրտել ալ իմացուիլ: Այս եղելութենէն ետքը տեղի ունեցաւ Սանատրուկի կամ Սանեսանի չարաչար պարտութիւնն ու սպանութիւնը, որ նկատուեցաւ իբրեւ վրէժ սրբոյն Գրիգորի (ԲԶՆ. 17): Գրիգորիս նահատակուած կ՚ըլլայ 337-ին կամ 338-ին, 42 տարեկան առոյգ հասակին մէջ, որ իրաւունք կու տայ պատմիչին զայն մանուկ անուանել: Իր մարմինը թաղուեցաւ Հաբանդ գաւառի Ամարաս գիւղի եկեղեցւոյն քովը, եւ գերեզմանը անյայտ ըլլալէն ետքը կրկին եւ կրկին յայտնուեցաւ 489-ին եւ 1858-ին, եւ այսօր ալ կը պատուուի Ամարասու Ս. Գրիգորիս վանքը, Շուշիի վիճակին մէջ: Յիշատակը տօնելի է որդւոց եւ թոռանց օրը, ուր ազգին հինգ մեծարդիւն հայրապետները միասին կը տօնուին, մինչ արժան էր իւրաքանչիւրին զատ զատ օրեր սահմանել, ինչպէս եղած է ազգիս համար նուազ նշանակութիւն ունեցող սուրբերու համար: Գրիգորիսի նշխարաց առաջին գիւտը յատուկ յիշատակ մըն ալ ունի տօնացոյցի մէջ, բայց այն ալ ուրիշ 12 հայ ճգնաւորներու տօնին հետ միացած է:

100. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ

Մեր ազգին համար նշանակութիւն ստացած անձնաւորութիւն մըն ալ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետն է: Ազգային աւանդութիւն մը կը կարծէ, թէ Յակոբ զաւակն է Անակի քրոջ` Խոսրովուհիի, որով Լուսաւորչի հօրաքեռորդին եղած կ՚ըլլայ, եւ թէ քոյր մըն ալ ունեցած է, Ասկդնէ անունով, որ Գթաց թագաւոր Հռչէի մայրն եղած է (ԶԵՆ. 22): Սակայն ըստ այլոց Յակոբ բնիկ Մծբնացի ասորի մըն է, եւ մեր Յայսմաւուրքն ալ տարբեր տեղեր տարբեր կարծիքներ կը կրկնէ (ՅԱՍ. Ա. 27, Բ. 290): Ամէնքը կը միաբանին ըսել թէ անոր առաջին կեանքը խստամբեր եւ ճգնաւորական եղաւ Կորդուաց լեռներուն մէջ, թէ Մծբին դարձած ատեն միացաւ Մարուգէ կամ Մարկեղոս ճգնաւորին հետ, թէ Դիոկղետիանոսի ատեն հալածանք ալ կրեց, եւ թէ ժողովրդեան բռնադատութեամբ Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Ամիդի մետրոպոլիտէն: Յակոբ թէ հովուութեամբ եւ թէ վարդապետութեամբ նշանաւոր եղաւ եկեղեցւոյ մէջ, Նիկիոյ սուրբ ժողովին եւ Անտիոքի ժողովին ալ ներկայ գտնուեցաւ, եւ հրաշքներով եւ գուշակութիւններով հռչակուեցաւ, եւ Սքանչելագործ անունով փառաւորուած հայրապետներէն մէկը ճանչցուեցաւ: Անոր կը վերագրուի եւս Արարատի վրայ բարձրանալու յանձնառութիւնը, որպէսզի հաստատէ ջրհեղեղի ճշմարտութիւնը, տապանին փայտէն կտոր մը բերելով: Այս առիթով հրեշտակի ձեռքէն կտոր մը ստացած է կ՚ըսուի, քանի որ իրեն անհնար եղած է Արարատի գագաթին սառնամանիքներէն աւելի վեր բարձրանալ: Էջմիածինի գանձարանին մէջ ցարդ կը պահուի Ս. Յակոբի բերած տախտակէն մաս մը, որ քարացած փայտի կտոր մըն է: Յակոբ ոչ միայն կ՚ուզէր ջրհեղեղի ստուգութիւնը հաստատել, այլեւ լուծել միւս խնդիրը, թէ Հայոց Արարատին թէ ոչ Կորդուաց Սարարատին վրայ նստած էր տապանը: Ընդհանուր աւանդութիւնը ի նպաստ Արարատի լուծուած գիտէ այդ խնդիրը, որով անիմանալի կը դառնայ Բուզանդի խառնաշփոթ բացատրութիւնը, ի լերինս Հայոց, ի լեռանն Սարարատայ, ի սահմանս Արարատեան թագաւորութեան, ի գաւառն Կորդուաց (ԲԶՆ. 22), ուր իրարու խառնուած են երկու լեռներուն հանգամանքները: Այդ պարագային հետ կը կապուի Յակոբի եւ Մանաճիհրի դիպուածը: Մանաճիհր Ռշտունի` Աղձնեաց Բակուրի ապստամբութիւնը ճնշած ատեն, յառաջացած կ՚ըլլայ մինչեւ Մծբին, եւ ուրիշ գերիներու հետ Յակոբի ութը սարկաւագներն ալ տարած: Յակոբ կը հետապնդէ գերիներուն ազատութիւնը ընդունելու, բայց Մանաճիհր սուրբին միջնորդութիւնը կ՚անարգէ, եւ ութը սարկաւագները (ԽՈՐ. 93) եւ 800 գերիները (ԲԶՆ. 24) Աղթամարի ծովին մէջ գահավիժելով կը խեղդէ, որուն վրայ Յակոբ Ընձաքեարս լերան գագաթէն Ռշտունեաց գաւառը կ՚անիծէ, եւ գաւառը անջրդի եւ անպտուղ կը դառնայ, եւ հազիւ կը դարմանուի Մանաճիհրի որդւոյն ապաշխարութեամբը (ԽՈՐ. 193): Կը պատմուի եւս թէ Արտամէտ գիւղացի` սրունքնին բաց լաթ լուացող աղջիկները, Յակոբի անցած ատեն ծածկուած չըլլալնուն համար, անկէ անիծուեցան եւ մազերնին ճերմկցաւ (ՎՐՔ. Ժ. 17): Մինչեւ հիմա ալ կը տեսնուին Արտամէտցի աղջիկներ, որ մազերնուն մէջ ճերմակ փունջեր ունին: Յակոբի վրէժխնդիր հրաշքները մեծապէս օգտակար եղան Մծբնացւոց, որոնց քաղաքը փրկեց Շապուհի արշաւանքէն եւ պաշարումէն: Արտաքին պատմութիւնն ալ կը հաստատէ Պարսից անյաջողութիւնը 350-ին, Մծբինի պաշարման առթիւ: Քիչ ետքը վախճանեցաւ Յակոբ` Մծբինի աթոռին վրայ խաղաղութեամբ: Իրեն անունով վանքեր եւ իրեն մասունքները յաճախ են Ռշտունեաց եւ Մոկաց գաւառներուն մէջ: Յակոբ Մծբնացւոյն վերագրուած են Զգօնի ճառերը, որք հայերէնի ալ թարգմանուած են, թէպէտ վերջին քննութիւններ տարբեր անձ մը կը ցուցնեն Զգօնը, եւ ոչ Մծբնայ Ս. Յակոբ հայրապետը: Ս. Յակոբ յատուկ ժողովրդական բարեպաշտութեան առարկայ է Հայոց մէջ, իբր երկնաւոր պաշտպան մը ընդդէմ ժանտախտի եւ ժանտամահի, ինչպէս Ս. Խարալամպոս Յունաց եւ Ս. Ռոքոս Լատինաց համար: Մեր տօնացոյցին գլխաւոր եւ հնաւանդ տօներէն մէկն է Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին յիշատակը: