Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ

116. ՈՒՍՈՒՄՆ ՈՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ցարդ պատմուածներէն յայտնի եղած է թէ որոնք էին Ներսէսի նախնիքը, որ մնացած էր իբր միակ շառաւիղ Լուսաւորչի տոհմին, Աթանագինէի եւ Բամբիշի զաւակ. հայրը եղերական կերպով մեռած, ինչպէս յիշեցինք 113), իսկ մայրը տակաւին կենդանի կաթողիկոսութեան ընտրուած ատեն (ԲԶՆ. 69): Ներսէսի ծնունդը հնար չէ հօրը 18 տարեկան եղած ըլլալէն առաջ ենթադրել, որով կը հասնինք 329-ին 101), եւ ինքն ալ 18 տարեկան եղած կ՚ըլլայ իր մեծ հօրը Յուսիկ կաթողիկոսին նահատակութեան տարին, եւ տակաւին փոքրահասակ յաջորդութեան կոչուելու համար, իր հօրը եւ հօրեղբօրը դժկամակութենէն ետքը 108): Ներսէս ոչ միայն մանկահասակ էր այլեւ ներկայ չէր, զի ի Կեսարիա էր ի հրահանգս (ԽՈՐ. 202): Բայց փոքր տարիքէն ամուսնացած էր ժամանակին սովորութեան համեմատ, եւ մանաւանդ Լուսաւորչի ազգատոհմին շարունակութեան համար յայտնուած ընդհանուր փափաքին վրայ, ինչպէս յայտնի կ՚ըսէ պատմագիրը, թէ էր ամուսնացեալ վասն ժառանգութեան աթոռոյ (ՍՈՓ. Զ. 19): Իր լծակիցն էր Սանդուխտ, դուստր Մամիկոնեան Վարդանի, որդւոյ Արտաւազդայ, որդւոյ Վաչէի, Վրթանէս հայրապետէ փառաւորուած նահատակին 94): Իրենց ուսումնական կեանքը մէկտեղ կը կատարէին ծաղկահասակ ամուսինները, ինչպէս որ պատմիչն ալ կը գրէ, թէ մանուկն Ներսէս սնաւ եւ ուսաւ` ամուսնաւն իւրով Կեսարիոյ մէջ (ՍՈՓ. Զ. 14), եւ հարկաւ Կեսարացւոց համար գեղեցիկ եւ սրտաշարժ տեսարան մըն էր տեսնել մանկահասակ լծակիցները, որք լուրջ ուսման եւ կրթութեան կը նուիրէին այն օրերը, որք սովորաբար զուարճութեանց կը ծառայեն: Այնտեղ ունեցան 348 Սեպտեմբեր 29-ին իրենց անդրանիկ զաւակը, զոր Սահակ անուանեցին, բայց հազիւ երեք տարի կրցան իրենց ընտանեկան երջանկութիւնը վայելել: Սանդուխտ, չենք գիտեր ինչ հիւանդութեամբ, վախճանեցաւ Կեսարիոյ մէջ մերձաւորաբար 349-ին, եւ իր հայրը Վարդան, որ Կեսարիա կը գտնուէր, իր դեռատի աղջկան եւ փեսային խնամոց համար, չուզեց պանդխտութեան մէջ թողուլ անոր մարմինը, այլ բերաւ ու թաղեց Եկեղեաց Թիլ աւանը, Լուսաւորչեան տոհմին կալուածը, ուր թաղուած էր Արիստակէս հայրապետ 86): Ներսէս այրի, հազիւ քսան տարեկան, իր ուսմունքը շարունակեց Կեսարիա, ուր իրեն ընկերակիցներ պէտք է եղած ըլլան, Գրիգոր Նազիանզացի, Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի, որք 328, 329 եւ 330 տարիներուն ծնած ըլլալով, իրեն հասակակիցներ էին:

117. ՈՂԻՄՊԻԱԴԱ ԹԱԳՈՒՀԻ

Երբոր Արշակ թագաւորեց 350-ին, Ներսէս Հայաստան եկաւ յազգական իւր յԱրշակ արքայ (ՍՈՓ. Զ. 19), որուն հօրաքեռորդի կ՚ըսուի (ՍՈՓ. Զ. 15), միշտ ենթադրելով թէ Բամբիշը Տիրանի քոյրն էր, մինչ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար` իր մօրեղբայրը ըսել, ինչպէս արդէն բացատրեցինք 101): Արշակ ուզելով պատուել իր ազգակիցը, եւ օգտուիլ անոր կարողութենէն, կարգէր զնա սենեկապետ եւ հաւատարիմ ի վերայ կարգաց թագաւորին (ՍՈՓ. Զ. 19): Բայց երբ Փառէն վախճանեցաւ, Ներսէս նորէն Հայաստան չէր, այլ կը գտնուէր ի Բիւզանդիոն, նպատակ ունենալով ըստ Խորենացւոյ առնուլ կին զդուստր Ասպիոնայ ուրումն իշխանի մեծի (ԽՈՐ. 202): Այդ խօսքը սովորաբար այնպէս իմացուած է, թէ Ներսէս իշխանազուն յոյն օրիորդի մը հետ ամուսնացած է Բիւզանդիոնի մէջ: Սակայն անոր կենսագիրէն գիտենք, թէ Ներսէս այրի էր Բիւզանդիոն գացած ատեն, եւ երբեք անոր երկրորդ ամուսնութիւնը յիշուած չէ, եւ Բիւզանդի` սա լեալ էր ամուսնաւոր ըսելն ալ (ԲԶՆ. 69), նոյն ատեն այլեւս ամուսնաւոր չլինելը կը հաստատէ: Եթէ Ներսէս Սանդուխտի մեռնելէն ետքը երկրորդ ամուսնութեան մտած ըլլար, եկեղեցականութեան պիտի չընտրուէր եւ ձեռնադրութիւն ալ պիտի չկարենար ստանալ Կեսարիայէ: Հետեւաբար թիւրիմացութիւն մը կը տեսնենք Խորենացիի պատմութեան մէջ. եւ պէտք է ըսենք, թէ Ներսէս Բիւզանդիոն գնաց ոչ թէ իրեն առնուլ կին, այլ ուրիշի բերելկին: Իրօք ալ գիտենք թէ Ներսէս Բիւզանդիոնէ կին մը բերած է Արշակի, Ողիմպիադա անունով, այլ այս մեր պատմիչներէն աւելի ուշ կը նշանակուի Ներսէսի կաթողիկոսութեան ատեն (ԽՈՐ. 207, ԲԶՆ. 126), մինչ արտաքին պատմիչներէն աւելի մանրամասնեալ տեղեկութիւններ ունինք այդ ամուսնութեան վրայ: Կոստաս կայսր նշանուած էր Աբլաբիոս իշխանի մը աղջկան հետ, անունն ալ Ողիմպիադա, բայց չամուսնացած մեռաւ: Կայսրուհի լինելու սահմանեալ աղջիկը անհնար եղաւ այլեւս հասարակ իշխանի մը հետ ամուսնացնել, եւ Կոստանդ` որ Արշակը թագաւորեցուցած էր, ուզեց Յունաց եւ Հայոց բարեկամական յարաբերութիւնները պնդելու համար Ողիմպիադան Հայոց թագուհի ընել, եւ Ողիմպիադա Հայաստան բերուեցաւ եւ Արշակի հետ ամուսնացաւ: Զայս բացայայտ կերպով կը պատմէ Ամմիանոս ժամանակակից պատմագիր (ԱՄՄ. 208), եւ Աթանաս Աղեքսանդրացին ալ Կոստանդը կը մեղադրէ որ կայսեր մը խօսեցեալը բարբարոսի մը տուաւ (ԳԱԹ. Բ. 490): Այդ եղելութիւնը տեղի ունեցաւ արտաքին պատմագիրներու համեմատ Արշակի թագաւորութեան առաջին տարին, 351-ին, երբ տակաւին Կոստանդ Ասիա կը գտնուէր: Եթէ այդ միջոցին Ներսէս Բիւզանդիոն գացած է, կամ Բիւզանդիոն գտնուած է, նպատակը եղած է ոչ թէ առնուլ զդուստր Ասպիոնայ ուրումն իշխանի մեծի, այլ բերել կին զդուստր Աբլաբեայ ուրումն իշխանի մեծի, զոր Բուզանդ ի կայսերական տոհմէն ազգաւ եղած կ՚ըսէ (ԲԶՆ. 126), Ողիմպիադայի խօսեցեալ կայսրուհի մը լինելուն համար: Եղելութեան ժամանակագրութիւնը ուղղելով եւ եղելութիւնը իր ճիշդ կերպարանին վերածելով, աւելի յարմար ալ կը դատենք, որ հարսնցու աղջկան ընկերանալու պաշտօնը` Ներսէս սենեկապետին տրուած ըլլայ, քան թէ Ներսէս կաթողիկոսին:

118. ԱՐՇԱԿԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Արշակի ամուսնական վիճակին, եւ իր զանազան կիներուն վրայ այնպէս խառնակ են տրուած տեղեկութիւնները, եւ այնպէս իրարու կը հակառակին, որ պատմական շարայարութեան վերածելու համար, պէտք կ՚ըլլայ ինչ ինչ կէտեր բոլորովին փոփոխել, եւ ուրիշ կէտեր ալ դուրս ձգել: Որչափ ալ ուզենք ենթադրել թէ ամուսնական օրէնքներու մասին շատ զգուշաւոր չէին ժամանակին իշխանազունները, սակայն չենք կրնար ենթադրութիւնը մինչեւ բազմակնութեան եւ կամ ազատ ապահարզանի դրութեան հասցնել: Արդ, Արշակ թագաւորած ատեն 45 տարեկան պէտք է եղած ըլլայ, եւ հնար չէ ըսել, որ մինչեւ այն ատեն ամուրի մնացած էր, եւ եթէ Կոստանդ կը հաճէր խօսեցեալ կայսրուհի մը անոր ամուսին տալ, ոչ իբր երկրորդական կին, եւ ոչ իբր հարճ մը կը յանձնէր. հետեւաբար ամենէն բնական ենթադրութիւնն է թէ Արշակ այրիացեալ էր արդէն: Այդ դրութեան կը նպաստեն Վարազդատի ի նմին տոհմէ Արշակունեաց (ԽՈՐ. 229), եւ Խոսրովի ի նմին ազգէն Արշակունեաց (ԽՈՐ. 232) կոչուիլը, առանց իրենց ազգաբանութիւնը բացատրելու, որոնք արքայազարմ Արշակունի ըսուելու համար Արշակէ սերած պիտի ըլլային, քանի որ անոր Արտաշէս եւ Տրդատ եղբայրներէն ճիւղեր չսերեցան: Այս կերպով կը հաստատենք Արշակի առաջին կնոջմէն զաւակ ալ ունեցած ըլլալը: Եթէ յաջորդութեան մէջ Պապ անոնց նախադասուեցաւ Յոյներուն կողմէն, Յոյն թագուհիէ եղած զաւակին եւ ծիրանածին տղուն շնորհուած յայտնի նախապատուութիւն մըն էր: Այդ կերպով Ողիմպիադայի եւ Փառանձէմի դէպքն ալ իր բնական ընթացքը կը գտնէ, միայն թէ Պապ ոչ եւս Փառանձէմի, այլ Ողիմպիադայի զաւակ պիտի ճանչցուի, ինչ որ ժամանակագրական հաշիւն ալ կը պահանջէ, ինչպէս կարգով պիտի պատմենք: Պատմութեանց մէջ Փառանձէմին համար Պապի մայր, եւ Պապի համար Փառանձէմի որդի ըսուած լինելը, հիմնական փաստ մը չի կազմեր անոնց հարազատութեան, որովհետեւ ուրիշ տեղեր ալ ստուգուած է մօրուներու մայր կոչուիլը, եւ փոխադարձաբար ուրջուներու որդի յորջորջուիլը, ինչ որ տակաւին մեր օրերուն մէջ ալ կը գործածուի:

119. ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Փառէնի մահուընէն ետքը, Շահակ Մանազկերտացի ստանձնած էր հայրապետական գործոց հոգածութիւնը իբր տեղակալ, եւ աթոռը կը մնար դատարկ, եւ ամէն կողմէ յայտնուած կամքն այն էր, որ ի մնացորդաց տանն Գրիգորի, յայնմ զաւակէն գտցեն զառաջնորդութիւն (ԲԶՆ. 68): Բայց այդ մնացորդներէն միմիայն Ներսէս կար մէջտեղ, արքունի սենեկապետը, կայ լաւ եւս արքունեաց հազարապետը, վասնզի պաշտօն ունէր ի վերայ ամենայն գանձուց թագաւորին (ՍՈՓ. Զ. 15): Այր էր սա մեծ եւ բարձր եւ ցանկալի հասակաւ, եւ վայելուչ գեղով, զարմանալի եւ ահագին, եւ նախանձելի յարութեանն ի զինուորական կրթութեանն (ԲԶՆ. 69), որով ըստ արտաքնոյն հեռու էր կրօնաւորական կոչումէն, սակայն ըստ ներքնոյն էր երկիւղած ի Տեառնէ Աստուծոյ, յոյժ աւանդապահ պատուիրանաց նորա, մարդասէր, սուրբ, զգաստ, մէկ խօսքով ամենայնիւ կատարեալ յամենայնի (ԲԶՆ. 70): Ամէնը անոր վրայ սեւեռած էին ակնկալութիւննին, այլ նա բացէբաց կը մերժէր այդ կոչումը, զինքն անարժան համարելով նուիրական աստիճանին, եւ իր վրայ ձախող տպաւորութիւն կազմել տալու համար, մինչեւ իսկ սկսաւ խօսել զանձնէ իւրմէ զանօրէնութիւնս եւ զբամբասանս մեղաց, սակայն անով ալ չէր օգտուէր, վասնզի ամէն լսողներ կը ծիծաղէին ստելուն համար, եւ թուլացեալ էին ի ծաղուէ (ԲԶՆ. 70): Նոյնիսկ եկեղեցական դասը, եւ միայնակեացներն ալ այդ գաղափարին կը ծառայէին, եւ Պարգեւ Գնունի նախարարազուն ճգնաւոր մըն ալ, այդ մասին տեսիլք ունեցած ըլլալը կը պատմէր (ՍՈՓ. Զ. 16): Երբոր համոզման կերպը չի յաջողիր, կէս բռնութեան ձեւին կը դիմեն: Արշակ մեծամեծաց համախումբ ժողով մը կը գումարէ, ուր Ներսէս ալ ներկայ էր, եւ իբր առաջին սենեկապետ թագաւորին փառաւոր սուրն էր բռնած: Անգամ մըն ալ յորդորական կը խօսի, եւ երբ լսելի չ՚ըլլար, Արշակ ինքնին յոյժ ցասմամբ սուրը կ՚առնէ անոր ձեռքէն, եւ կը հրամայէ որ պալատական զարդերէ մերկացնեն, եւ կղերիկոսի հանդերձ հագցնեն, գանգրագեղ մազերը կտրեն, եւ եպիսկոպոս մըն ալ բերել տալով զայն անմիջապէս սարկաւագ ձեռնադրել կու տայ: Սրտաշարժ էր տեսարանը, ամէնքը կը փղձկէին, շատեր կ՚արտասուէին ալ, այլ ներքին ուրախութիւն մը կը զգային, թէ այս կերպով նորոգեսցին պայծառ վարք աշխարհիս Հայոց (ԲԶՆ. 69): Ձեռնադրող եպիսկոպոսին անունը Փաւստոս ըսուած է Բուզանդէ (ԲԶՆ. 719), եւ ոմանք նոյնիսկ Փաւստոս Բուզանդացի պատմիչը կարծեցին, սակայն ուրիշ տեղ Փեստոս է կոչուած (ՍՈՓ. Զ. 23), որով այդ կարծիքը հաստատութիւն չի գտներ:

120. ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Նորէն Բուզանդ Կեսարիա երթալու եւ ձեռնադրութիւն ընդունելու մանրամասնեալ պատմութիւն մը ունի (ԲԶՆ. 72), այս անգամ Ներսէսի կենսագիրն ալ իրեն հետեւող ունենալով (ՍՈՓ. Զ. 24): Արքունական սպիտակաձի կառքերու եւ զարդերու նկարագիրէն զատ, 26 նախարարներու եւ 13 եպիսկոպոսներու անուանական ցուցակ մըն ալ կը գտնենք, որք ի միասին Կեսարիա ուղեկցած են, 4000 հեծելոց ընկերակցութեամբ (ՍՈՓ. Զ. 24): Իսկ Խորենացին կը գրէ, թէ եկաց եպիսկոպոսապետ Հայոց մեծն Ներսէս, եւ ի Բիւզանդիոյ դարձեալ ի Կեսարիա եւ եկեալ ի Հայս, զամենայն կարգս նորոգեաց (ԽՈՐ. 205) եւ Յովհաննէս պատմաբան, որ միշտ անոր հետեւողն է, թերեւս Կեսարիոյ անունին յիշատակութենէն շփոթած, կը գրէ թէ Արշակ առաքէ զՆերսէս ըստ առաջնոյ կարգին ի Կեսարիա, ձեռնադրիլ ի հայրապետութիւն (ՅՈՎ. 60): Բայց մենք չենք ուզեր այլեւս անդրադառնալ այդ ձեռնադրութեան խնդրոյն վրայ, արդէն այդ մասին մեր կարծիքը յայտնած ենք, թէ չի կրնար երբեք ծառայել այն գաղափարին, որով Հայաստանը Կեսարիոյ ենթարկեալ աթոռի մը վերածել կ՚ուզուի: Բայց աւելորդ չլինի այդ ձեռնադրութեան մասին դիտել տալ, թէ յայտնի անհամաձայնութիւններ կը պարունակէ ուղիղ ժամանակագրութեան հետ: Վասնզի կը պատմուի թէ ձեռնադրողն էր Եւսեբիոս արքեպիսկոպոս, եւ թէ ներկայ էր Բարսեղ Կեսարացին, իբր երիցապետ եկեղեցւոյն, եւ թէ աղաւնի մը սքանչելեօք սեղանէն թռչելով առաջ Բարսեղին վրայ, եւ անկէ ելնելով Ներսէսի վրայ հանգչեցաւ. եւ թէ այս պարագան Ներսէսի արժանաւորութեան փաստ մը եղաւ, եւ ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ (ԲԶՆ. 73): Սակայն Ներսէսի կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարուեցաւ 353-ին, մինչ Եւսեբիոս 362-ին յաջորդեց Դիանիոսի, որ ընտրուած էր 340-ին: Իսկ Բարսեղ Եւսեբիոսի ընտրութենէն ետքը քահանայական կամ երիցութեան ձեռնադրութիւնը ստացաւ անոր ձեռքով, եւ հետեւաբար 353-ին ոչ Եւսեբիոս էր արքեպիսկոպոս եւ ոչ Բարսեղ երէց կամ երիցապետ, եւ ոչ աղաւնիի թռիչքին պէտք կար Ներսէսի արժանաւորութիւնը հաստատելու: Աղաւնիին նախ Բարսեղի եւ ետքը Ներսէսի վրայ հանգչելուն պարագան ալ նշան է, յունական մեծամտութեան հիւսուածք լինելուն:

121. ԱՇՏԻՇԱՏԻ ԺՈՂՈՎԸ

Ներսէս 25 տարեկան երիտասարդ բուռն կամքի տէր, եւ նախանձայոյզ ոգւով վառուած, հայրապետական աթոռ բարձրացածին պէս, բարեկարգութեան գործին ձեռնարկեց ոյժ առնելով այն զօրաւոր համակրութենէն, որ իրեն շուրջը կազմուած էր: Միանգամայն իբրեւ լաւագոյն կրթութիւն ստացած, եւ կայսերական քաղաքներուն մէջ տիրող կարգադրութեանց տեղեակ մի անձ, սկսաւ նորանոր կանոնագրութիւններ կազմել, եւ անոնք աւելի ամրապէս հաստատելու համար, ուզեց ժողով արարեալ եպիսկոպոսաց եւ համօրէն աշխարհականօք (ԽՈՐ. 205) ազգային ժողով մը գումարել հաւանաբար 354-ին, Աշտիշատի մէջ, որ էր տեղի լեալ նախնեացն ժողովոց սիւնոդոսին (ԲԶՆ. 76), ինչպէս կ՚ըսէ Բուզանդ: Սակայն ասկէ առաջ ազգային ժողով մը գումարուած լինելուն բնաւ յիշատակութիւն չունինք: Հետեւաբար կրնանք ըսել թէ Տարոնի մէջ գումարուած տարեկան աշխարհատօները առիթ կ՚ընծայէին եպիսկոպոսներու եւ նախարարներու համախմբութեան, եւ պէտք եղած խորհրդակցութեամբ` ժամանակին պատշաճ կարգադրութիւնները հաստատելու: Ժողովրդական գործերը կամ կանոնները չունինք, եւ ոչ ալ կանոնագիրքին մէջ այդ ժողովին յիշատակութիւնը կայ, որով հարկ կը լինի պատմական կերպով ավանդուած բարեկարգութիւնները իբր Աշտիշատի ժողովական որոշումներ նկատել: Ասոնք բազմաթիւ են եւ երկրին մէջ նոր կեանքի մը սկզբնաւորութիւնները կը կազմեն: Լուսաւորիչէն սկսելով կէս դար մը ժամանակին հայրապետները հաւատոյ շահերը նկատի առած էին, եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ամրացման եւ եկեղեցւոյ հաստատութեան նպատակին հետեւած էին: Ներսէսով նոր շրջան մը կը սկսի բարոյական եւ կրօնական բարեկարգութեանց, նա կ՚ուզէ կայսրութեան եկեղեցիներուն եւ քաղաքներուն մէջ ուսած եւ տեսած կարգադրութիւնները Հայոց մէջ ալ տարածել, եւ զբարեկարգութիւնն զոր ետես ի Յունաց աշխարհին, մանաւանդ ի թագաւորեալ քաղաքն, ի սմա նկարագրէ (ԽՈՐ. 205): Եթէ առաջին շրջանին գլուխը կանգնող Գրիգորը Լուսաւորիչ հոգւոց նկատուեցաւ` հաւատոյ լոյսը տարածելուն համար, Ներսէս ալ երկրորդ շրջանին գլուխը պիտի նկատուի որ Լուսաւորիչ սրտից, բարեկարգական կանոններուն տուած անխոնջ աշխատութիւններուն համար, մինչեւ որ երրորդ շրջան մը բացուի Սահակով, որ Հայ դպրութեանց սկզբնաւորութեամբ եւ զարգացմամբ իբրԼուսաւորիչ մտաց ընդունուած է ազգիս հանրութենէն:

122. ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ներսէսի ձեռնարկած բարեկարգութիւններուն առաջիններն եղան բարեգործականներ: Բորոտներ եւ ուրուկներ, եւ ուրիշ վարակիչ ախտեր ունեցողներ, բնակութենէ կը մերժուէին եւ անխնամ կը թողուէին, Ներսէս անոնց համար ուրկանոցներ եւ հիւանդանոցներ հաստատեց: Որբեր, ծերեր եւ չքաւորներ ալ խնամքէ զուրկ կը մնային, Ներսէս հրամայեց իւրաքանչիւր քաղաքի եւ գիւղի մէջ աղքատանոցներ բանալ եւ այդպիսիները պատսպարել: Հիւրեր եւ օտարներ ապաստանելու տեղ չէին գտներ, ուստի պատուիրեց որ ասանկներն ալ աղքատանոցներու մէջ ընդունուին: Եւ որպէսզի բարեգործական հաստատութիւններ կարենան պահպանուիլ, իւրաքանչիւրին համար որոշ թուով գիւղեր եւ ագարակներ յատկացուց, եւ սահմանեց որ անոնց բերքերէն, յարդեանց անդաստանաց եւ ի կթից արօտականաց եւ ի գեղմանց (ԽՈՐ. 206) հոգացուին նոյն հաստատութեանց ծախքերը: Ըսուած չէ թէ ինչ կերպով զատեց եւ ինչ կանոնով որոշեց այդ հասութաբեր գիւղերը, բայց հարկաւ թագաւորական հրամանի ալ պէտք ունեցաւ, կամ թէ նախարարներէն առատաձեռն տուուչութիւններ կրցաւ ստանալ: Գիտենք թէ հին ատեններ, ոչ պետութիւններ եւ ոչ ալ հաստատութիւններ, հասոյթի դրամական գանձարան չունէին, այլ ամէն պէտքեր բնական բերքերով կը հոգացուէին, եւ հարկեր ու տուրքեր ալ մեծաւ մասամբ նոյն ձեւով կը վճարուէին: Տրդատի համար ըսուած է թէ օրէնք դրաւ չորս չորս հողս երդոյ յամենայն ագարակ տեղիս, իսկ յաւանսն եօթն եօթն հողս երդոյ եկեղեցականներուն յատկացնել (ԱԳԹ. 436), թերեւս անոնցմէ բաժին հանեց Ներսէս իր հիմնած բարեգործական հաստատութեանց, կամ թէ իւրաքանչիւրին վրայ յաւելուածներ օրինագրեց կամ օրինագրել տուաւ: Այս ամէն հաստատութեանց վրայ ընդհանուր հսկող եւ վերակացու նշանակեց իր հաւատարիմ Խադ սարկաւագապետը, որ էր ի Մարգաց Կարնոյ (ԽՈՐ. 206) կամ ի Կարին գաւառէ ի գեղջէ Մարագայ (ԲԶՆ. 108), որ այժմեան Կան գիւղին տեղը կը կարծուի: Խադին տրուած պաշտօնին ընդարձակութիւնը եւ Ներսէսի անոր վրայ դրած վստահութիւնը, Խադին կատարեալ գովեստը կը կազմեն: Պատմութիւնը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ միւս այլ Ներսէս` թէ բարեգործական աշխատութեամբը եւ թէ վարչական հանճարովը, ինչպէս առաջիկային պիտի յայտնուի:

123. ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Երկրորդ կէտը, որուն մտադրութիւն դարձուց Ներսէս, եկեղեցականները եղան, եւ յատկապէս վանական կոչում ունեցողներ, եւ վիճակներու եպիսկոպոսներ, որք քաղաքներու մէջ եւ ընտանիքներու մօտ սկսած էին ապրիլ ազատ կեանքով: Ներսէս որոշեց որ այդպիսիներ իրենց միանձնութեան կոչումը պահեն, եւ աշխարհիկ բնակչութեան կեդրոններէն հեռու մնան: Վանականներ ունենան յատուկ եղբայրանոցներ, մենակեացներ հիւղերու խումբեր, եւ եպիսկոպոսներ ալ եպիսկոպոսանիստ բնակարաններ: Եւ որպէսզի վանքեր կարենան իրենց ապրուստն ունենալ, որոշեց որ թագաւորներուն եւ նախարարներուն, իշխաններուն եւ զօրաւարներուն եւ անոնց գերդաստաններուն գերեզմանները վանքերու մէջ ըլլան, եւ փոխարէն անոնց գիւղերէն եւ ագարակներէն մէկ քանին նոյն վանքերուն յատկացուին (ՍՈՓ. Ե. 39): Եպիսկոպոսներ արդէն իրենց կալուածներն ունէին, իսկ միայնակեացներ սակաւապէտ եւ ընչատեաց կեանք պիտի ունենային, եւ իրենց կը բաւէին բարեպաշտներուն նուէրները: Գլխաւորապէս վանականաց եւ երկրորդաբար միայնակեցաց բարեկարգութեան հսկելու համար տեսուչներ նշանակեց, Դանիէլ Ասորիի աշակերտութենէն Շաղիտա Ասորին եւ Եպիփան Յոյնը, Գինդ Ալկունին եւ Եփրեմ մը, հաւանաբար ան ալ Ասորի մը (ԽՈՐ. 206): Ներսէսի հոգածութենէն չէին կրնար վրիպիլ ընդհանուր դաստիարակութեան եւ ուսման պէտքերը, եւ այդ նպատակով կարգէր դպրոցս յունարէն եւ ասորերէն, յամենայն գաւառս Հայոց (ԲԶՆ. 78): Երկու լեզուներուն միանգամայն պէտքը բացատրած ենք արդէն 68), թէ հետեւանք էր մայրենի լեզուով դպրութիւն չգտնուելուն, որով Հայաստանի նահանգները իրենց դիրքին եւ յարաբերութեանց համեմատ, ոմանք Կեսարիոյ յունական դպրոցէն եւ ոմանք ալ Եդեսիոյ ասորական դպրոցէն օգտուելու պարտաւորուած էին: Այդ դպրոցներուն աշակերտները յիշեալ լեզուներուն մէջ յառաջանալով` հոգեւորական տեսակէտէն ալ մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէին, որովհետեւ անոնք էին որ եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Գրոց ընթերցւածները կը վերծանէին եւ կը թարգմանէին, կրօնական եւ բարոյական քարոզներ կը խօսէին, եւ ժողովրդական լեզուով աղօթքներ եւ մաղթանքներ կը թելադրէին: Անոնք եղան Վերծանող եւ Թարգմանիչ պաշտօնեաներու զարգացման ռահվիրաները, որոնք ճամբայ բացին հայերէն դպրութեանց սկզբնաւորութեան: Այս խումբէն եղան նոյնինքն Ներսէսի զաւակը Սահակ, եւ ձեռնասունը Մեսրոպ, Հայ գիրին գտիչները եւ Հայ դպրութեան նախահայրերը:

124. ԲԱՐԵԿԱՐԳԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Ժողովուրդին ուղիղ ընթացքը, հսկող պաշտօնեաներուն թիւէն ու ջանքէն կախում կ՚ունենայ, որովհետեւ ոչ միայն պէտք է ընտիր պաշտօնեաներ ունենալ, այլ եւ բաւական թուով աշխատողներ պատրաստել տեղւոյն ընդարձակութեան եւ ժողովուրդին բազմութեան համեմատ: Այդ հոգածութեան արդիւնք է, որ Ներսէսի ջանքով կարգեցան կարգք կաթողիկէ եկեղեցւոյ, բազմացան կարգք սրբութեան պաշտամանցն, եւ պաշտօնէից յաճախութիւն (ԲԶՆ. 78): Ստուգութենէ օտար չէ, եթէ այդ իմաստով առնուին կենսագիրին ըսածներն ալ, թէ նորոգէր զգահս իշխանացն Հայոց, բարձս չորեքհարիւր (ՍՈՓ. Զ. 32), որովհետեւ հարկաւ կաթողիկոսի մը գործը չէր արքունի ճաշին սեղանակիցներուն տեղերը որոշել: Նոյնիսկ 400 թիւն ալ նախարարութեանց թիւը չէ, այլ յիշեցնել կու տայ Լուսաւորչի հաստատած 400 եպիսկոպոսական աթոռները 67): Ըստ ամենայն հաւանականութեան, Ներսէս հետամուտ եղաւ այդ կարգադրութիւնը նորոգել, եւ պարապ աթոռները արժանաւոր եպիսկոպոսներով լրացնել: Իսկ ժողովուրդին բարեկարգ կենցաղին համար եղած հոգածութիւնները ընդարձակ կերպով կը բացատրուին պատմիչներէն, զորս մենք մի առ մի յառաջ բերել աւելորդ կը սեպենք: Բոլորովին ալ լռած չըլլալու համար, կարեւորագոյններէն յիշենք այն կանոնը, որով արգիլեց զմերձաւորաց խնամութիւն զոր վասն ագահելոյ սեփական ազատութեանն առնէին (ԽՈՐ. 206): Բայց որոշ յայտնի չէ թէ մինչեւ ո՞ր աստիճանի մերձաւորութեանց համար էր դրուած արգելքը, զի միայն նուերու, այսինքն իրենց զաւակներու կիներուն համար արգելք մը կը յիշուի (ԲԶՆ. 77): Միւս այլ կանոնով արգիլեց այն զեղծումները, որով ի վերայ մեռելոց գործէին ոճիրս ըստ հեթանոսական սովորութեանց (ԽՈՐ. 206), այս ալ պարզ սգաւորութեան համար չէ, այլ տեսակ տեսակ բարբարոս սովորութեանց համար, որոնք մեռելներու համար կը գործուէին, ցտէին զերեսս, եւ արեամբ ապականէին, եւ այնպէս յուղարկէին զմեռեալս (ՍՈՓ. Զ. 42): Կը յիշուի նաեւ հրաժարիլ ամենեւին ի մեռելստւոյ եւ յարենէ ուտելոյ (ԲԶՆ. 77), որ ակնարկ մըն է առաքելոց ժողովին մէջ դրուած արգելքին (ԳՐԾ. ԺԵ. 29), որ շուտով դադրեցաւ ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ: Յատկապէս կը հրամայուէր ամուսնական հաւատարմութիւնը. մի' ստել եւ մի' դաւ բերել իւրեանց ամուսնութիւն ընկալ կոչմանց (ԲԶՆ. 77): Գեղեցիկ էր եւս մարդասիրական կանոնը, որով կը պատուիրուէր ամենեցուն որ ի վերայ ընկերին ունիցին իշխանութիւն, գերիներու եւ ծառաներու, աշակերտներու եւ կրտսերներու հետ գթով եւ չափաւորութեամբ վարուիլ (ԲԶՆ. 78), եւ վերջացնել հին սովորութիւնը, որով իշխաններ եւ տէրեր, ուսուցիչներ եւ ծնողներ բռնական վարմունք ունէին իրենց ստորադասեալներուն վրայ: Բայց ամէն կանոններէն վեր է օրինակի ազդեցութիւնը, եւ այդ մասին ալ Ներսէս իր անձին վրայ կը փայլեցնէր անխարդախ օրինապահութիւնը. նախ ինքն առնելով առ իւր անձն բարի, եւ ապա այլոց օրինակ բարեաց լինելով (ԲԶՆ. 75): Մինչեւ իսկ ինքն իւրովի ձեռօքն լուանայր զամենեսեան, օծանէր, պատէր, եւ ինքն իսկ ջամբէր նոցա զիւրաքանչիւր կերակուրս (ԲԶՆ. 78): Անդադար եւ անընդհատ էր իր աշխատութիւնը, եւ զվերակացութիւնս աշխարհի ամենայն հոգաբարձութեամբ, առանց ամենայն ծուլութեան եւ ամենայն յապաղութեան տանէր մինչեւ ի վախճան իւր (ԲԶՆ. 80), եւ կը յաջողէր երկրին կերպարանը փոփոխել, զի էր այնուհետեւ տեսանել զաշխարհս մեր որպէս զքաղաքացիս համեստացեալս (ԽՈՐ. 206), եւ Աստուած կը փառաւորէր իր պաշտօնեան, եւ անոր կը շնորհէր այն զօրութիւնը, որով մեծամեծ նշանս եւ բժշկութիւնս առնէր հիւանդաց, եւ զմոլորութիւնս դարձուցանէր(ԲԶՆ. 74). մէկ խօսքով մենք ալ կրնանք համարձակ ըսել, թէ ոչ երբեք ուրեք եղեւ նման նմա այլ ոք ի Հայաստան երկրին (ԲԶՆ. 81):

125. ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՃՇԴՈՒԹԻՒՆ

Քաղելով յառաջ բերինք այն տեսութիւնները որք կը ծառայէին Ներսէսի մեծ կերպարանը նկարագրելու, եւ որք իրաւունք տուին զայն ՄԵԾՆ Ներսէս յորջորջմամբ պատուելու: Այս ըսուածները կը պատկանին Ներսէսի ամբողջ կեանքին, որուն մասնաւոր գործերուն մասին դեռ չխօսեցանք, եւ խօսելէն առաջ դիտել պիտի տանք, թէ ժամանակագրական մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի անոնց շարայարութիւնը, եւ Ներսէսի գործունէութեան տեւողութիւնը: Նորէն այն 24 տարիներու յաւելուածական սխալն է 81), որուն ուղղութիւնը կատարեցինք` մասամբ շրջանիս առաջին մասին մէջ, Գրիգորի ժամանակին վրայ, եւ միւս մասն ալ պարտաւորեալ ենք Ներսէսի ժամանակին վրայ ծանրացնել: Խորենացի 34 տարի կու տայ Ներսէսի կաթողիկոսութեան (ԽՈՐ. 228), եւ այս թիւը կրկնուած է բոլոր հին պատմիչներէն, միայն Օրբէլեան է որ 20 տարի կու տայ (ՕՐԲ. Բ. 249), կենսագիրն ալ անգամ մը 25 տարի գործունէութիւն տալէն ետքը (ՍՈՓ. Զ. 41), վերջէն 34 տարուան հայրապետութիւն կը յիշէ (ՍՈՓ. Զ. 115): Սակայն Ներսէսի ընտրութիւնը 353-ին հաստատելէն ետքը, եւ իր մահն ալ 373-էն անդին թողուլ դժուար լինելով, անհնար է այդ միջոցին մէջ սղմեցնել կարծեցեալ 34 տարիները, ինչ որ կը ճշմարտուի նաեւ Արշակի տրուած 30 տարիներու վրայ (ԽՈՐ. 223): Ըստ այսմ ամէն նոր պատմագիրներ, պարտաւորուած են այդ թիւերը զեղչել, եւ քիչ ու շատ տարբերութեամբ 20 տարի տալ Ներսէսի հայրապետութեան, ինչպէս որ մեր զննութիւններն ալ կը հաստատեն: Մեր հաշիւներու հիմն է Պապ թագաւորի մահը Վաղէսի 11-րդ տարին, որ է 374, եւ Ներսէսի մահն ալ անկէ տարի մը առաջ, այսինքն 373-ին: Իսկ Արշակի գերութիւնը կամ Պապի թագաւորելն ալ պէտք է դնել 368-ին, հետեւելով Ամմիանոսի հաստատուն ժամանակագրութեան (ԱՄՄ. 426): Թագաւորներու կամ հայրապետներու պաշտօնավարութեան տեւողութիւնները հնար չէ թուաբանական գումարով մը տարեթիւերու վերածել, վասնզի սկսուած ու չաւարտած տարիներ իբր լրացեալ կը հաշուուին պատմութեանց մէջ, եւ այս պատճառով պէտք է պատմական կշիռները հաստատելու համար, մերթ ընդ մերթ գումարներէն տարի մը կամ երկու զեղչել, որպէսզի ժամանակագրութիւնը արդարանայ: Արդ, ըսուած է թէ Ներսէս Արշակի երրորդ տարին եպիսկոպոսապետ եղաւ. ըստ այսմ պէտք դնել Արշակի թագաւորութիւնը 350-ին, եւ Ներսէսի հայրապետութիւնը 353-ին. բայց յերրորդ ամի բացատրութիւնը (ԽՈՐ. 205) կ՚արդարանար եւս, եթէ Արշակի թագաւորութիւնը 351-ին ալ գրուէր: Այս ժամանակագրութեամբ Արշակ կը սկսի թագաւորել Կոստանդի 14-րդ տարին, եւ կը լրացնէ անոր մնացորդ 10, Յուլիանոսի 2, Յովիանոսի 1 տարիները եւ կը դադրի Վաղէսի 5-րդ տարին. իսկ Ներսէս կը սկսի Կոստանդի 17-րդ տարին, եւ կը լրացնէ անոր մնացորդ 7, Յուլիանոսի 2, Յովիանոսի 1 տարիները, եւ կը դադրի Վաղէսի 10-րդ տարին, քանի որ Պապ սպաննուած է Վաղեսի 11-րդ տարին: Մեր պատմագիրները Պապի մահը Թէոդոսի 20-րդ տարին յետաձգելով (ԽՈՐ. 229), Վաղէսի մնացորդ 4, եւ Թէոդոսի տրուած 20 տարիներով 24 տարիներու յաւելուածական սխալ մը ըրած կ՚ըլլան: Թող որ Թէոդոս 16 տարի թագաւորած լինելով, 20-րդ տարի ալ ունեցած չէ:

126. ԳՆԷԼ ԵՒ ՏԻՐԻԹ

Ներսէսի հայրապետական գործունէութեան առաջին տարիները խաղաղութեամբ եւ բարեկարգական աշխատութիւններով անցան: Դրացի պետութեանց, Յունաց եւ Պարսից ալ հաշտ քաղաքականութիւնը նպաստեցին Հայաստանի հանդարտութեան, եւ Ներսէսի բարենորոգչական ջանքերուն: Արշակի եւ Ներսէսի մէջ ալ համաձայնութիւն կը տիրէր, թագաւորական եւ հայրապետական իշխանութիւնները իրարու կ՚օժանդակէին, եւ այդ է Բուզանդին ըսելը թէ Արշակ ի մատաղութեան հասակին ըստ աստուածային իմաստութեանն գնացեալ լինէր, եւ թէ ատեն անցնելով այդ ուղղութենէն շեղեցաւ եւ յաւագութեանն ի լիութեան` ի շաղաշատութիւն հատաւ (ԲԶՆ. 109): Այդ փոփոխութեան հետեւանքներուն առաջինը եղաւ Գնէլի արկածը, 359-ին, որով վեց տարուան ժամանակամիջոց մը եղած կ՚ըլլայ Ներսէսի հայրապետութեան հանդարտ գործունէութեան տեւողութիւնը: Տիրանի թագաւորութեան ժամանակէն Բիւզանդիոն պատանդ յղուած էին, նորա երրորդ զաւակը Տրդատ` Գնէլ որդւոյ հետ, եւ իր անդրանիկէն ունեցած թոռը` Տիրիթ (ԽՈՐ. 199): Երբոր Տիրան Պարսից կողմը մօտենալու կերպեր սկսաւ ցուցնել, եւ կայսրը կասկածեցաւ Տիրանի հաւատարմութեան վրայ, պատանդներէն Տրդատ սպաննուեցաւ: Խորենացին Վաղենտիանոս կայսեր անունը կու տայ (ԽՈՐ. 206), սակայն ժամանակագրութեան համեմատ պէտք է Կոստանդի վերագրել այդ սպանութիւնը, եթէ իրօք վրէժխնդրական գործ մըն էր եղածը. որովհետեւ բոլորովին մտացածին չէր ըլլար ըսել, թէ Տրդատի որեւէ արկածով կամ խօթութեամբ մեռնիլը, վրէժխնդիր սպանութիւն մեկնուեցաւ Հայերուն կողմէ: Այս դիտողութեան կը յորդորուինք տեսնելով մանաւանդ որ միւս պատանդին` Տիրիթի, ոչ մի վնաս եղած չէ, եւ Տրդատի որդին Գնէլ, առանձինն պատիւներու արժանացած, հիւպատոսութեան աստիճան եւ առատ ընծաներ ստացած է (ԽՈՐ. 207): Տիրիթ եւ Գնէլ ազատ թողուած են, երբոր Արշակի թագաւորելուն առթիւ հաշտութիւնը ամրացած էր, եւ Արշակի հարսնցուին Ողիմպիադայի հետ երկուքն ալ Հայաստան դարձած են` Ներսէս սենեկապետին առաջնորդութեամբ, ինչպէս արդեն ճշդեցինք 117): Հայաստան գալերնէն ետքը, Արշակի երկու եղբօրորդիներն ալ պատուաւոր դիրք վայելեցին, բայց Գնէլ իր զգացմամբ ու բնաւորութեամբ աւելի յաջողութիւն գտաւ, եւ իր կուրացած մեծ հօրը առանձինն խնամքն ալ վայելեց, որովհետեւ Տիրան, իր ձախող ընթացքով Տրդատի սպանութեան պատճառ եղած կը կարծէր ինքզինքը, եւ փոխարէնը անոր որդւոյն կ՚ուզէր հատուցանել: Զայն իր մօտը առած էր, եւ միասին կը բնակէին: Արագածի վրայ Կուաշ, այժմ Կօշ աւանը, զայն հարստացուցած էր, եւ թագաւորապէս հանդէսներ կատարել տուաւ, երբոր Գնէլ ամուսնացաւ Անդովկ Սիւնիի Փառանձէմ աղջկան հետ, որ բնական եւ բարոյական ձիրքերով Հայ օրիորդներուն մէջ գերազանց համբաւ կը վայելէր: Գնէլ ասպետական վարժերու եւ զինուորական կրթութեանց մէջ ալ մեծ յաջողութիւն ունենալուն, շատ նախարարներ իրենց զաւակները անոր յանձնած էին` զինու եւ զարդու դաստիարակութիւն ստանալու համար (ԽՈՐ. 208):

127. ՏԻՐԻԹԻ ՔՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գնէլի առաւելութիւնները եւ ստացած համակրանքը ծանր եկան Տիրիթի, որ ցած բնաւորութեան վիճակեալ անձ մը կը նկարագրուի: Գուցէ գաղտնի ցաւ մըն ալ ունէր իր սրտին մէջ, վասնզի Տիրանի անդրանիկին` Արտաշէսի զաւակն ըլլալով, թագաւորութեան հասնելու գաղափարն ալ կը փայփայէր: Սակայն իր այս ներքին զգացումը` իր հօրեղբօրորդւոյն վրայ բեռցնելով, սկսաւ Արշակի միտքը պղտորել եւ հաւատացնել, թէ Գնէլ կը խորհի զինքն սպաննել, եւ թագաւորութիւնը գրաւել: Ինչ որ Գնէլի առաւելութիւններն էին, Տիրանի գուրգուրանքը, նախարարներուն համակրանքը, ժողովրդական յարգանքը, Բիւզանդիոնէ ստացած աստիճանը, փառաւոր հարսանիքը, ընծաներու եւ կալուածներու առաւելութիւնը, ամէնն ալ Տիրիթի բերանը մէկմէկ փաստեր էին իր քսութիւնը հաստատելու: Վարդան Մամիկոնեան, թագաւորին զինակիրը, որ պէտք է երիտասարդ մը եղած ըլլայ, եւ ոչ նոյնինքն Ներսէսի աները, գործիք եղաւ քսութեան, եւ ոյժ տուաւ մտերմաբար Տիրիթի խօսքերուն, մինչեւ իսկ երդմամբ հաստատելով թէ ինքն Գնէլի բերնէն լսած է, թէ իր հօր Տրդատին մահուան վրէժը Արշակէն պիտի լուծէ (ԽՈՐ. 208): Այնչափ ըրին ու խօսեցան, որ վերջապէս Արշակը համոզեցին, եւ սա նոյնինքն իր զինակիրին ձեռօք հրաման յղեց Գնէլի, որ Արարատ գաւառէն ելլէ, նախարարաց զաւակները իրմէ հեռացնէ, եւ երթայ բնակիլ Առբերանի գաւառը, այժմ Բերկրի, Վասպուրականի մէջ, վասնզի, կ՚ըսէ, օրէնք է որ թագաւորէն եւ փոխանորդ թագաւորազնէն զատ, ուրիշ իշխաններ Արարատի կեդրոնին մէջ չբնակին: Այս վերջին պարագան Տիրիթի նպաստաւոր պիտի ըլլար, եւ ինքն իբր երիցագոյն` Արշակի մօտ պիտի մնար: Գնէլ կը պարտաւորուի համակերպիլ, որովհետեւ մահու սպառնալիք կար եթէ չհնազանդէր: Բայց Տիրան մեծապէս զայրացաւ, իրեն դէմ անարգանք մը համարելով Արշակի այդ հրամանը. ուստի պատգամս խիստ յղեաց անոր. իսկ Արշակ կուրացեալ եւ ծերացեալ հօրը յանդիմանութիւններէն ազատելու համար, հրաման ըրաւ անոր սենեկապետներուն գաղտնի կերպով զայն հեղձամահ ընել, եւ իբրեւ յանկարծամահ եղած, նոյնիսկ Կուաշի մէջ թաղել, որով Տիրան թագաւորական գերեզմանի պատիւէն ալ զրկուեցաւ: Հայրասպանութիւնը Արշակի անիրաւ գործերուն դուռը բացաւ: Տիրանի մահը կրնանք դնել շուրջ 358-ին:

128. ԳՆԷԼԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գնէլը հեռացուցած ըլլալ չէր բաւեր Տիրիթին նախանձը յագեցնելու, վասնզի Գնէլի ձիրքերը եւ առաւելութիւնները չէին դադրած, եւ դէպ իրեն եղած համակրութիւնը` միասին փոխադրած էր Առբերանի եւ Աղիովիտ հեռաւոր գաւառներն ալ, որ իրեն սահման նշանակուած էին: Տիրիթ եւ Վարդան առիթ կ՚առնէին անտի իրենց չարամտութիւնը յառաջ վարելու, եւ ուրիշ չարախոհ մարդիկ ալ գործակից ընելով (ՍՈՓ. Զ. 43), կը յաջողէին Արշակը համոզելու, թէ Գնէլ միշտ նոյն խորհուրդը կը սնուցանէ, թագաւորը մեռցնել եւ ինքը թագաւորել, եւ թէ Գնէլը մէջտեղէն վերցնելէ զատ ուրիշ միջոց չկար վտանգը հեռացնելու: Այս կերպով կը կազմուի Գնէլի սպանութեան որոշումը, որ ըստ Խորենացւոյ կը գործադրուի Արշակի եւ Գնէլի բարեկամաբար որսի ելած ատենը, որուն մէջ նոյնինքն Վարդան, իբր թէ սխալմամբ կամ հանդիպմամբ որսին տեղ Գնէլը կը զարնէ (ԽՈՐ. 210): Տարբեր է Բուզանդի եւ կենսագիրին յառաջ բերած պատմութիւնը, բայց երկուքին մէջ ալ բարեկամութիւն կեղծելու եւ նենգութեամբ սպաննելու պարագան կը հաստատուի: Նաւասարդի տօնին առթիւ, նորէն նոյն Վարդանը կը յղուի Գնէլի, ըսելու թէ Արշակ միտքը փոխած է քո վրայ, եւ չ՚ուզեր զտօնս նաւասարդաց առանց քո անցուցանել եւ հաւանեցնելու որ հանդերձ իւրով կնաւն եւ դրամբն գայ թագաւորին մօտ, Գառնի գաւառը, Շահապիվան աւանը, ուր էր արքունի բանակը: Այնտեղ եկած էր Ներսէս ալ, թագաւորին հետ կատարելու մեծ տօնը, իր տեղը իր գործակից եպիսկոպոսները յղելով Բագաւանի եւ Աշտիշատի աշխարհատօներուն, Խադը` Բագաւան, եւ Աշտիշատ` Մուրիկը (ԲԶՆ. 121), կամ աւելի ուղիղ Մաւրիկը` որ է Մաւրիտիոս: Միւս կողմէն գաղտնի հրահանգ կը տրուէր Երազմակ դահճապետին, որ Գնէլը եկած ատեն, դեռ բանակը չմտած, բռնէ ու կապէ եւ գաղտնաբար սպաննէ: Այդպէս ալ ըրաւ Երազմակ. իր զինեալ հետեւորդները Գնէլը ձիէն վար առին, եւ ձեռուըները ետին կապելով սպանման տեղը տարին: Փառանձէմ, որ մէկտեղ էր, այլյայլմէ եղած, կը վազէ արքունի բանակը, եւ շիտակ եկեղեցին կը մտնէ, ուր Ներսէս առաւօտեան ժամերգութեան ներկայ էր, կը պատմէ եղածը, եւ թախանձելով կը խնդրէ որ թագաւորին իմացնէ եւ իր ամուսինը ազատէ: Ներսէս եկեղեցին եւ ժամերգութիւնը կը թողու, թագաւորին կ՚երթայ, բայց սա իբր թէ քունի մէջ սամուրենիով գլուխը քօղարկած անշարժ կը մնայ: Ներսէս ձեռքէն բռնելով կը ցնցէ Արշակը եւ ծանր կերպով կը խօսի, որ Գնէլը վտանգէն ազատէ, թէ ոչ Աստուած ալ ի քեզ ոչ խնայեսցէ (ԲԶՆ. 122): Արշակ կամաւ թուլանայր եւ զաչսն խնոյր, որպէսզի ատեն վաստկի, իսկ Ներսէս սիրտին եռանդէներիվար ձայնէր, եւ կ՚ուզէր երթալ իբրեւ զսուրհանդակ, զի ինքն հասցէ Գնէլայ, եւ ահա նոյն ատեն ներս կը մտնէր Երազմակ ըսելով, թէ կատարեցաք զհրամանս թագաւորին եւ սպանաք զպատանեակն Գնէլ (ՍՈՓ. Զ. 46): Ներսէս այս լսելով կը սկսի սաստիկ կերպով յանդիմանել Արշակը, իր կեղծուպատիր ընթացքին համար, կը հռչակէ թէ նա ինքն է Տիրանի եւ Գնէլի սպանիչը, եւ թէ անէծքի ներքեւ ինկած է, եւ թէ Աստուած չարաչար կերպով իրմէ եւ իր մեղսակիցներէն պիտի լուծէ այդ անիրաւութեանց վրէժը: Ասոր վրայ Ներսէս արքունիքը կը թողու եւ Արշակէ կը հեռանայ, եւ այլ ոչ դարձաւ անդրէն յայն բանակ: Արշակ ամօթահար, իբր թէ ծածկել ուզելով ճշմարտութիւնը եւ զինքն անգիտակ ցուցնելով եղելութեան, մեծահանդէս սուգ կը կատարէ, եւ բոլոր տօնի եկողները կը ստիպէ զի դիցեն աշխար կոծոց եւ լացցեն զԳնէլ մեծ սեպուհն Արշակունի: Իսկ Փառանձէմ զհանդերձսն պատառեալ. զգէսս արձակեալ ի մէջ աշխարանին կոծէր (ԲԶՆ. 124): Գնէլի սպանութեան թւականը ճշդելու փաստ կ՚ընծայեն Բուզանդի խօսքերը, թէ վաղիւն հասելոյ առաւօտուն օրն լուսանայր կիւրակէն, եւ յայնմ աւուր տօն դիպեցաւ (ԲԶՆ. 121), որ է ըսել թէ այն տարին նաւասարդի մէկին տօնական օրը Կիրակի կը հանդիպէր: Արդ, հայկական շարժական տոմարի հաշուով, նաւասարդի առաջին օրը Կիրակի հանդիպած է 359-ին, համապատասխանելով հռոմէական տոմարին Օգոստոս 29-ին: Այս թուականը ամէն կերպով կը պատասխանէ պատմական պահանջներուն, եւ 350-ին Արշակի թագաւորելէն, եւ 353-ին Ներսէսի կաթողիկոսութենէն սկսելով պատշաճ միջոց մը կը թողու հայրապետական գործունէութեան առաջին մասին, երբ թագաւոր եւ կաթողիկոս հաշտ գործակցութեամբ կ՚աշխատէին:

129. ՏԻՐԻԹԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Արշակի ուղիղ ճամբէ շեղիլը հետեւանք եղած էր Տիրիթի քսութեանց, եւ իրօք ալ թագաւորներ երբեք չեն կրցած իրենց ուղղամտութիւնը պահել, երբոր իրենց իշխանութեան դէմ լարուած դաւաճանութեանց, սուտ թէ ստոյգ տեղեկութեանց դիմաց կը գտնուին: Անգամ մըն ալ որ շիտակ ճամբէն կը շեղին, այլեւս ոճիրներ կարծես շղթայեալ իրարու կը հետեւին: Տիրանի եւ Գնէլի սպանութեանց ետեւէն եկաւ Տիրիթի սպանութիւնը: Սա Գնէլի դէմ լարած դաւաճանութեան մէջ երկրորդական նպատակ մըն ալ ունէր, Փառանձէմը իրեն առնուլ, որուն անհամեմատ գեղեցկութիւնը եւ կիրթ բնաւորութիւնը իր նախանձն էր շարժած: Ուստի երբ Փառանձէմ անմխիթար կ՚ողբար, Տիրիթ անոր լուր ղրկեց, թէ ինքն անոր մխիթարիչը պիտի ըլլայ (ՍՈՓ. Զ. 49), եւ Արշակէ խնդրեց անոր հետ ամուսնանալ (ԲԶՆ. 126): Արշակ, որ Գնէլի յուղարկաւորութեան ատեն լաւ դիտած էր Փառանձէմը, եւ անոր գեղեցկութենէն հմայուած, կասկածանօք լսեց Տիրիթի առաջարկը, եւ հետազննելով իմացաւ թէ ինչու քսութեանց դիմած էր Տիրիթ. ուստի անոր դէմ ալ թշնամացաւ: Տիրիթ փախաւ, բայց Արշակ ետեւէն զինուորներ ղրկեց, որ Բասենի եւ Տայոց սահմանները եղող, այժմեան Սողանլուի անտառներուն մէջ զինքը գտան ու սպաննեցին: Իսկ Փառանձէմ, Արշակի հրամանով արքունիքին մէջ ընդունուեցաւ ի կնութիւն կ՚ըսէ կենսագիրը (ՍՈՓ. Զ. 50). թէպէտ դժուարին է բառին օրինաւոր իմաստովը առնել այդ բացատրութիւնը, քանի որ Ողիմպիադայի հետ օրինօք ամուսնացած էր, եւ յայտնապէս Ողիմպիադայի, առաջին կնոջ Արշակայ հանգամանքը կը տրուի (ԽՈՐ. 210): Պատմագիրներէն ոմանք Ողիմպիադայի ամուսնութիւնը ասկէ ետքը եղած կը կարծեն, սակայն մենք արդէն այդ կէտը ճշդեցինք արտաքին պատմիչներէն ալ 118), եւ հնար ալ չէ ենթադրել, թէ այսչափ անցքերէն ետքը Ներսէս կաթողիկոս կրցած ըլլայ Արշակի հարսնցու բերելու չափ ստորնանալ:

130. ՈՂԻՄՊԻԱԴԱՅԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս ըսինք ոճիրներ շղթայեալ կը շատնան, եւ Արշակ վրէժխնդրութեանց կիրքէն ետքը, տռփական կիրքէ մղեալ, նոր ոճիրներու կը ձեռնարկէր: Այստեղ պէտք է որ անցողակի դիտողութիւն մը ընենք Փառանձէմի նկարագիրին վրայ: Խորենացի կը գրէ, թէ նա կին մըն էր որ գործեաց զանլուր եւ զանկարծելի չարիս եւ զսարսափման լսողաց արժանի (ԽՈՐ. 210): Սակայն եթէ պատմական դէպքեր խղճամիտ քննուին, եւ եթէ արտաքնոց վկայութիւններն ալ նկատի առնուին, հարկ կ՚ըլլայ տարբեր գաղափար մը կազմել այդ դժբախտ կնոջ վրայ: Փառանձէմի նախընթացին համար վկայուած է, թէանուանեալ էր գեղեցկութեամբ եւ պարկեշտութեամբ (ԽՈՐ. 119), եւ թէ ոչ գոյր նման նմա ի կանայս եւ համեստ եւ այրասէր (ՍՈՓ. Զ. 43): Գնէլի հետ ամուսնանալէն ետքը, ապօրինի գործ մը գրուած չկայ իր վրայ, իր ամուսնոյն տարագրութեան եւ սպանութեան ատեն բռնած դիրքը այրասէր լինելը կը ցուցնէ, եւ Տիրիթի հանդէպ ունեցած ընթացքը համեստ լինելը կը հաստատէ. իր մահուան պարագաներն ալ, զորս պիտի պատմենք, արիասիրտ կնոջ մը նկարագիրը կը ցուցնեն, որով կանխակալ կարծիքի մը հետքերը կը տեսնենք իրեն դէմ գրուած խիստ բացատրութեանց մէջ: Միւս կողմէն Ողիմպիադայի ամուսնութեան կանխած լինելը` նոյն պատմիչներուն յառաջ բերած դէպքերուն շարքն ու նշանակութիւնը կը փոփոխեն: Ըստ այսմ Փառանձէմի արքունիք ընդունուիլը, բռնութեան հետեւանք եղած է պարզապէս. իսկ իր դժկամութիւնը յայտնապէս վկայուած է, թէ Փառանձէմ ատեայր զԱրշակ (ՍՈՓ. Զ. 50), թէ կինն ի նա ոչ յանգոյց զմիտս իւր, այսինքն թէ Փառանձէմ ինքզինքը Արշակի չյանձնեց, ոչ թէ հարկաւ անոր համար, որ Արշակ թաւ է մարմնով եւ թուխ է գունով (ԲԶՆ. 126), այլ զի Ողիմպիադայի օրինաւոր թագուհիին քով տարփածուի կամ հարճի ստորին դերը կը մնար Փառանձէմի, զոր չէր կրնար նա յանձն առնուլ: Ասկէ յառաջ կու գայ Ողիմպիադան սպաննելու նոր ոճիրը, որպէսզի հնար լինի Փառանձէմը օրինաւոր կին եւ թագուհի հռչակելով, անոր սիրտը գրաւել: Արքունեաց դրան երէցներէն մէկը, անունը Մրջիւնիկ կամ Մրջմնիկ, Արշամունեաց Գոմկունք, այժմեան Վարդովի Գոյնուկ գիւղէն, անարժան սուտանուն քահանայ, ոճիրին գործիք կը դառնայ, եւ եկեղեցւոյ մէջ ի կենաց դեղն զմահացուն խառնեալ, կը սպաննէ Ողիմպիադան (ԽՈՐ. 210): Պատմիչներ այդ անլուր ոճիրին հեղինակ կը կարծեն Փառանձէմը, բայց յարմարագոյն է զայն Արշակի վերագրել, որովհետեւ, եթէ Արշակ Ողիմպիադան կը նախադասէր եւ առաւել սիրէր զնա քան զՓառանձէմ (ՍՈՓ. Զ. 5), ինչպէս կ՚ըսեն, Փառանձէմ կասկածելի դարձած կ՚ըլլար եւ նպատակին չէր հասներ, մինչ Արշակ այս կերպով կը յաջողէր Փառանձէմի դժկամութեան յաղթել, եւ դիւրաւ զայն հնազանդեցնել օրինաւոր թագուհիութեան պայմանին ներքեւ: Այսպէս ալ եղաւ եւ Փառանձէմ Հայոց թագուհի հռչակուեցաւ 360-ի ատենները: Բայց նա Պապին մայրը չէր, այլ լոկ մայրագիր մը եղաւ: Պապ այն ատեն հազիւ 7 տարեկան տղայ մը եղած կ՚ըլլար, եւ հարազատ մօրը Ողիմպիադայի տեղ դիւրաւ կրնար մօրուն փոխանակել, մանաւանդ եթէ սա ալ մայրաբար խնամէր զայն, ինչ որ դիւրաւ կրնայ սպասուիլ Փառանձէմէն: Պապին եղբայր մըն ալ կը դրուի Տրդատ անունով (ՍՈՓ. Զ. 50), որ պատմական դեր մը վարած չէ, եւ պէտք չենք զգար ճշդել թէ Ողիմպիադայէ՞ մնացած էր, թէ ոչ Փառանձէմէն եղաւ:

131. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Ողիմպիադայի սպանութիւնը Արշակի սիրահարական կիրքէն զատ, կրնար քաղաքական նպատակ ալ ունենալ: Արշակ ինչպէս փոփոխած էր իր բարոյական ընթացքը, նոյն կերպով քաղաքականն ալ այլայլած էր: Այն յունասէր քաղաքականութիւնը, որով Արշակ կրցած էր իր թագաւորութիւնը ստանալ, եւ որով վարուած էր իր առաջին տարիները, տակաւ պաղած էր իր սիրտին մէջ: Շապուհի հրապոյրները եւ խոստումները զօրացած էին իր վրայ, եւ քիչ քիչ Պարսից կողմը հակելու սկսած էր: Շուրջ 356-ին, որ է ըսել Յուլիանոսի պատերազմէն 8 տարի առաջ (ԲԶՆ. 140), Արշակ Պարսկաստան ալ գացած էր Վարդան Մամիկոնեանի խորհրդով, եւ այնտեղ բարեկամութեան երդում ալ ըրած էր աւետարանի վրայ, բայց յետոյ Վասակ Մամիկոնեանի գրգռութեամբ յանկարծ հեռացած էր Պարսկաստանէն (ԲԶՆ. 130), եւ Շապուհ նորէն Վարդանի ձեռքով բարեկամական խոստումները կը նորոգէր (ԲԶՆ. 131), եւ Արշակ շատ մը դեդեւելէն ետքը, վերջապէս Պարսից կողմը կը հակէր եւ անոնց օգնութեան գունդեր ալ կը յղէր Միջագետք` 358-ին (ԲԶՆ. 134): Արդ, այս միջոցին շատ յարմար պիտի ըլլար յոյն թագուհին մէջտեղէն վերցնել, որ սկիզբէն ալ իբրեւ պարտք մը իրեն վրայ դրուած էր Կոստանդ կայսեր կողմէն: Այդ դիտողութիւնք եւս քան զեւս կը հաստատեն թէ Մրջիւնիկի թելադրիչը Արշակ էր, եւ ոչ թէ Փառանձէմ: Նոյն դիտողութիւնները կը պարզեն եւս Ներսէսի ընթացքը: Անհնարին է ուրանալ Ներսէսի յունասէր քաղաքականութիւնը, որ չէր կրնար երբեք համակերպիլ Արշակի նոր սկսած պարսկասէր քաղաքականութեան, եւ կրակապաշտը նախադասել քրիստոնեային: Հետեւաբար յարաբերութիւնները սկսած էին պաղիլ թագաւորին եւ հայրապետին միջեւ, երբոր վրայ հասան Արշակի կատարել տուած ոճրագործ սպանութիւնները Տիրանի, Գնէլի, Տիրիթի եւ Ողիմպիադայի վրայ: Եթէ Ներսէս Արշակի հետ յարաբերութիւնները խզեց, եւ արքունիքէն ոտքը կտրեց, եւ քաղաքական գործերէ հեռացաւ, Արշակի ոճիրներէն զզուած ըլլալէն զատ, անոր քաղաքական ուղղութեան անհամաձայն ըլլալու պատճառն ալ ունէր: Ասոր հետ մէկտեղ, Ներսէս ինքն ալ կատարելապէս գոհ չէր կրնար ըլլալ Յոյն կայսրներու ընթացքէն, որ բացարձակ եւ համարձակ կերպով անոնց վստահէր, եւ անոնց մօտենալու կէտը պնդէր: Կոստանդի երկդիմի ընթացքը հետզհետէ շեշտուած էր, նա յայտնապէս Արիանոսներու պաշտպանութիւն կ՚ընէր եւ ուղղափառը կը հալածէր, բան մը որուն Ներսէս չէր կրնար համակերպիլ, եւ ոչ ալ Կոստանդի ձեռք յանձնել հայկական թագաւորութեան ուղղութիւնը: Կոստանդի մեռնելէն ետքը, 361-ին անոր յաջորդած էր Յուլիանոս, որ քայլ մը եւս յառաջանալով հեթանոսական կռապաշտութիւնը վերակենդանացնելու գաղափարը յղացած եւ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս եւ իշխանաբար հալածելու սկսած էր: Ինչպէ՞ս կարենար Ներսէս Բիւզանդիոյ կայսրութեան հովանաւորութեան վստահիլ: Միւս կողմէն չկրնալով պարսկասէր քաղաքականութեան ալ օժանդակել, խոհեմութիւն սեպեց բոլորովին քաղաքական գործերէ քաշուիլ. թողուլ թագաւորն ու նախարարները որ առանց իրեն գործեն, եւ ինքն ալ մասնակից չըլլայ անկերպարան անցուդարձին, որուն ոչ կրնար համակերպիլ, եւ ոչ ալ բացարձակօրէն հակառակիլ: Բայց երբ Ներսէս քաղաքական յարաբերութիւնները կ՚ընդհատէր, իր հովուական պարտաւորութիւնները չէր լքաներ, ընթանայր շրջէր ընդ գաւառս Վասպուրականի եւ հաստատէր զկարգս եկեղեցւոյ (ՍՈՓ. Զ. 49). կը տարածէր իր հոգածութիւնը յամենայն գաւառս Հայոց (ԲԶՆ. 115), մերթ ալ հեռանայր ի Վիրս, եւ անդ նորոգէր եկեղեցիս յոլովս (ՍՈՓ. Զ. 49), եւ մերթ ալ հեռանայր յաշխարհէս Հայոց եւ հասանէր ի քաղաքն Ուրհայ` Միջագետքի մէջ (ՍՈՓ. 66), որ ըսել է թէ ամէն կողմեր հովուական այցելութիւններ կու տար: Ներսէսի այդ կեանքը 359-էն Գնէլի սպանութենէն սկսելով, շարունակեց մինչեւ 363, Յուլիանոսի մահը:

132. ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԱՇՈՒԱԾ ԱՏԵՆԸ

Սակայն կաթողիկոսական իշխանութիւնը Հայոց մէջ պարզապէս եւ բացարձակապէս եկեղեցական չէր: Բոլոր հայրապետները յատուկ դիրք եւ յատուկ ձեռներէցութիւն կը վայելէին պետական գործերու մէջ, թէ իբր Պահլաւունեաց կամ Պարթեւազանց տան նահապետ, թէ թագաւորական տոհմին արենակից եւ խնամի իշխանազուն, եւ թէ իբր եկեղեցական իշխանութեան պետ, որ հոգեւորական, կրթական, բարեգործական եւ դատական գործերու վրայ գերագոյն ձեռնհասութիւն ունէր: Ինչպէս հեթանոսութեան ժամանակ քրմապետներ անհրաժեշտ բաժին մը ունէին երկրին վարչութեան մէջ, նոյն իրաւունքը կը վայելէին հայրապետներն ալ: Հետեւաբար Ներսէսի բացակայութիւնը զգալի դատարկ մը կը ձգէր արքունեաց, կամ այն ատեն գործածուած բառով, արքունական բանակին մէջ, ինչ որ դժուարին դիրքի մը կը դնէր թագաւորը, եւ պէտք էր դարման մը ճարել: Հարկաւ միանգամ եւ երկիցս դիմումներ եղան Ներսէսի, բայց նա շուտով տեղի տուող բնաւորութիւններէն չէր, եւ չէր ալ կրնար ըլլալ, ցորչափ կացութիւնը չէր պարզուեր: Բուզանդի պատմութեան համեմատ փոխանակ Ներսիսի զՉոնակ ոմն անուն կացուցին գլուխ քրիստոնէութեան (ԲԶՆ. 127), որուն կը ձայնակցի կենսագիրը` թէ Արշակ եգիտ զոմն ի դրան քահանայից իւրոց, որում անուն էր Չոնակ, եւ կոչեաց զեպիսկոպոսունս աշխարհին զի ձեռնադրեսցեն զնա եպիսկոպոսապետ Հայոց, եւ թէ միայն երեք եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեամբ` Չոնակ եղաւ կաթողիկոս Հայոց: Երեք ձեռնադրողներն եղան Գէորգ Գառնոյ, Տաճատ Աղձնեաց եւ Սիմէոն Անձեւացեաց եպիսկոպոսները, թէպէտ բոլոր մնացեալ եպիսկոպոսներ ոչ հաւանեցան նմա (ՍՈՓ. Զ. 66): Իսկ Խորենացին ո'չ Չոնակը կը յիշէ, եւ ո'չ Ներսէսի տեղ ուրիշ հայրապետ կը ճանչնայ, այլ միայն կ՚ըսէ թէ Ներսէս գնացեալ նստաւ ի սուգ աւուրս բազումս (ԽՈՐ. 210), եւ թէ վերջէն Արշակի աղաչանքով հաւանեալ մեծն Ներսէս եկն ի մէջ նոցա (ԽՈՐ. 216): Արդ, Ներսէս վախճանած չէր, հրաժարած չէր, աթոռը պարապ չէր, որ նոր կաթողիկոս մը ձեռնադրուէր: Միւս կողմէն Բուզանդ, որ ամէն պարագայի մէջ պէտք կը տեսնէ կաթողիկոսները Կեսարիա տանիլ ձեռնադրուելու համար, պիտի չկրնար իբր կաթողիկոս ընդունիլ մէկը, որ Կեսարիա չ՚երթար, որ բոլոր հայ եպիսկոպոսներէն չ՚ընդունուիր, եւ միայն երեք Հայ եպիսկոպոսներէ ձեռնադրութիւն կը ստանայ: Դարձեալ, տակաւին զօրաւոր էր Հայոց մէջ ժառանգական արժանեաց նախապաշարումը, եւ յայտնի են Լուսաւորչի սերունդէն կաթողիկոս ունենալու հաստատուն կամքը, եւ անոր պակասութեան կամ Լուսաւորչի հոգեւոր զաւակներուն եւ կամ Աղբիանոսեան սերունդին դիմելու սովորութիւնը, որով բացարձակապէս անհնար է ընդունիլ, որ որեւէ սինլիքոր երէց մը, ստրուկ ի ստրկաց արքունի (ԲԶՆ. 127) կաթողիկոսութեան կոչուի, եւ ազգն ալ այդ ընտրութեան հանդուրժէ: Վերջապէս Բուզանդի պատմութենէն յայտնի չէ, թէ քիչ ետքը ի՞նչ կ՚ըլլայ այդ Չոնակ կաթողիկոսը, որ ասուպի մը պէս կ՚երեւի եւ առանց հետք թողելու կ՚անհետանայ պատմութեան մէջ: Այդ տեսութիւնները բաւական են ապացուցանել թէ Չոնակ անունով կաթողիկոս մը երբեք եղած չէ: Միւս կողմէն արքունեաց կաթողիկոսական գործերը վարող եւ անոր դերը լրացնող մէկը պէտք էր, եւ այս ալ իրաց կարգով Աղբիանոսեան տունին գլխաւոր եպիսկոպոսը պիտի ըլլար, որ սովորաբար իբր եպիսկոպոսական դասուն առաջին, կաթողիկոսին բացակայութեան անոր տեղակալութիւնը կը վարէր 118): Ներկայ առթին մէջ ալ պէտք է ճանչնանք միեւնոյն Աղբիանոսեանց կամ Մանազկերտացւոց տոհմին գլուխն ու առաջին եպիսկոպոս Շահակը, որ Փառէնէ ետքը տեղակալութիւն վարած էր, եւ նոյն իրաւամբ Ներսէսի բացակայութեան ալ հայրապետական տեղակալութիւնը կը վարէր, եւ կը դադարէր` երբոր Ներսէս պետական գործերու վարչութիւնը կը ստանձնէր: Անունն իսկ մեր կարծիքով միեւնոյնն է, եւ միայն տառերու շփոթ ընթերցմամբ կամ աղաւաղ գրութեամբ ՇԱՀԱԿ եղած է ՉԱՆԱԿ, ինչպէս գրչութեանց նմանութիւնն ալ կը ցուցնէ: Մեր կարծիքին փաստ մը կը մատակարարէ Այրիվանեցին ալ, որ կաթողիկոսաց ցանկին մէջ Ներսէսէն ետքը նստող Շահակ կաթողիկոսին անունը Չոնակ կը գրէ (ԱՅՐ. 16): Հետեւաբար կրնանք համարձակ ըսել, թէ միեւնոյն Շահակ Մանազկերտացին է, որ Ներսէսէ առաջ եւ Ներսէսի բացակայութեան, երկու անգամ տեղակալութիւն վարեց, եւ Ներսէսէ ետքը կաթողիկոս ընտրուեցաւ:

133. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՈՒԼՆԵՑԻ

Այստեղ պատշաճ կը սեպենք միջանկեալ կերպով յիշատակել Ստեփանոս Ուլնեցիի նահատակութիւնը, իբր զուտ ազգային յիշատակ մը, թէպէտ հռոմէական սահմաններուն մէջ կատարուած, Յուլիանոսի Պարսից դէմ գացած միջոցին: Ստեփանոս Փոքր Հայոց Կոկիսոն, այժմ Կէօքսու քաղաքը բնակող եռանդուն հայ երիտասարդ մըն էր` իբր 25 տարեկան, որ հալածանաց պատճառաւ իր ծնողքն ու մերձաւորները հաւաքելով մերձակայ լեռները կ՚ապաստանի: Հայրը Ղազարոս այնտեղ կը վախճանի, եւ մնացեալներուն թաքստի տեղը հովիւի մը ձեռքով կը յայտնուի եւ կը ձերբակալուին ու կը տարուին Կանչի բերդը, Սոկրատէս դատաւորին առջեւ, որ սպառնալիքով եւ տանջանքներով կը փորձէ անոնց հաստատամտութիւնը. բայց ամէնքն ալ անդրդուելի մնալով կը նահատակուին: Նախ Բագարատ պատանի տանջանքներու տակ կը մեռնի, յետոյ Ստեփանոսի մայրը Մարիամ եւ եօթը կոյս աղջիկներ առանձինն կը գլխատուին, ինչպէս նաեւ Գրիգորիոս Կոկիսոնցի` Սմբատ ու Յովհաննէս զաւակներովը, Ղեւոնդ ծերունին` Դաւիթ ու Ստեփան ու Թադէոս զաւակներով, Սիմէոն Կեսարացի, Վեղառիոս, Բասիլիոս, Սոմնաս, ուրիշ ծերունի մը չորս զաւակներով, եւ այլեւս ութը անձեր, որոնց մէջ եւ կիներ, եւ ամենէն վերջը Ստեփանոս: Նահատակութեան թուականը ճշդելով, պէտք է նշանակել 362 Օգոստոս 18-ին (ՅԱՅ. 20). իսկ տեղը եղած է Կանչի բերդը, այժմ Չուքուրհիսար, Ֆռնուզի մօտերը, ուր ցարդ կը պատուուի նահատակներուն գերեզմանը, ոչ շատ հեռու Ուլնիա կամ Յուլիուպոլիս քաղաքէն, որ է այժմեան Զէյթունը (ՎՐՔ. Ե. 89):

134. ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԻ ԴԱՌՆԱԼԸ

Որչափ ալ մեր նպատակը չէ քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ դիպուածները բացատրել, սակայն քաղաքական ու եկեղեցական եղելութեանց ներքին եւ սերտ կապակցութիւնը, եւ եկեղեցական դիպուածներուն ուսումնասիրութիւնը, անհրաժեշտ կ՚ընեն գոնէ համառօտակի անոնց վրայ ալ ակնարկ նետել, որպէսզի եղելութեանց ներքին նշանակութիւնը յայտնուի: Այս պատճառով պէտք կը զգանք Ներսէսի իբր չորեքամեայ բացակայութեան միջոցին դէպքերը քաղել: Որովհետեւ Արշակ շարունակ Շապուհի խոստումներով ու նենգութիւններով ու սպառնալիքներով անոր կողմը անցնելու ստիպումներ կը կրէր, Կոստանդ կայսր Կեսարիա եկած ատեն, զայն իրեն մօտ կանչեց, եւ հաստատուն բարեկամութեան խոստումներ ստացաւ (ԱՄՄ. 207), իսկ Արշակ նորէն իր երկդիմի ընթացքը շարունակեց, այնպէս որ հռոմայեցի պատմիչը չի վարանիր զայն մշտական եւ հաւատարիմ բարեկամ անուանել (ԱՄՄ. 362): Ըստ այսմ Յուլիանոս ալ երբոր Պարսից դէմ պատերազմի կը պատրաստուէր, կրցաւ Արշակի ազդարարութիւն ղրկել, որպէսզի քաջամարտիկ գունդերով իրեն օգնելու պատրաստուի (ԱՄՄ. 288): Բայց Արշակ յաջողեցաւ կերպ կերպ դարձուածքներով այդ օգնութիւնը չղրկել, եւ զանազան պատճառներով արգիլուած ըլլալը հաւատացնել (ԱՄՄ. 340): Պատերազմը ձախող եղաւ կայսերական բանակին, եւ Յուլիանոս ինքն ալ պատերազմին մէջ սպաննւեցաւ, 363 Յունիս 26-ին, եւ անոր տեղ կայսր հռչակուեցաւ Յովիանոս, ուղղափառ քրիստոնեայ մը: Յոյժ ձախող վիճակի մէջ նոր կայսրը ստիպուեցաւ ծանր պայմաններով հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրել, որով Հայկական հինգ նահանգներ, Արզն, Մոկք, Զարեւանդ, Հեր եւ Կորդուք, որք Յայնկոյս-Տիգրիսեան յունական կողմնակալութեան կը պատկանէին, բացարձակապէս Պարսից թողուեցան, ինչպէս նաեւ բոլոր Միջագետքը մինչեւ Մծբին եւ Սինգար (ԱՄՄ. 361), եւ որ աւելին է, կայսրը յանձնառու եղաւ որ ինքն երբեք Արշակի եւ Հայերուն պիտի չօգնէ Պարսիկներուն դէմ (ԱՄՄ. 362): Արշակ յուսախաբ մնաց իր քաղաքականութեան մէջ, երբոր Յոյները ձեռնթափ ըլլալով, զինքը Պարսից ձեռքը թողուցին, եւ այս անգամ պէտք զգաց նորէն Յունաց կողմը մշակել, եւ զանոնք յորդորել որ կերպով մը հովանաւորութիւննին շարունակեն, եւ Պարսիկները ազատ չթողուն ուզածնին ընելու: Քաղաքականութեան փոփոխուելովը, տեսութիւններ եւ անձնաւորութիւններ ալ փոփոխուեցան, եւ Ներսէսի անձը նորէն իր կարեւորութիւնը ստացաւ: Ինքնին թագաւորն ելանէր ի խնդիր հայրապետին Ներսէսի (ԲԶՆ. 115), կը գտնէր զայն յԱշտիշատ Տարոնոյ (ՍՈՓ. Զ. 51), խոստանայր լինել ըստ կամաց նորա (ԽՈՐ. 216), նախարարներն ալ խմբովին նոյն աղաչանքը կը կրկնէին, եպիսկոպոսներն ալ կը թախանձէին, կը պահանջէին իսկ, որ ծանր կացութեան հանդէպ, մի' անփոյթ զկորստեանէ իւրոյ վիճակին առնիցէ (ԽՈՐ. 216): Ներսէսի համար դժուար չէր այլեւս զիջանիլ. իր տեսութիւնները կը յաղթանակէին, Յունաց կողմը շահելու խնդիր էր, կայսրն ալ ուղղափառ Յովիանոսն էր: Ներսէս փառաւորեալ կերպով դարձաւ արքունիքը, թագաւորին եւ գլխաւոր նախարարներուն հետ ժողով գումարեց, եւ միաձայն հաւանութեամբ որոշուեցաւ յատուկ պատգամաւորութիւն մը ղրկել Բիւզանդիոն, նոյնինքն հայրապետին գլխաւորութեամբ, բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու եւ պաշտպանութեան ձեւեր հաստատելու համար: Իբր պատգամաւորութեան անդամներ 6 հոգի յիշուած են Բուզանդէն (ԲԶՆ. 106), իսկ կենդագիրը 17 հոգի կը յիշէ (ՍՈՓ. Զ. 52). բայց թերեւս ասոնք ժողովականներու գլխաւորներն են: Երկուքէն ալ յիշատակուած եւ առաւել հաւանական պատգամաւորներն են, Գարջոյլ Խորխոռունի, Մուշկան Սահառունի, Մեհեւան Անձեւացի եւ Մեհենդակ Ռշտունի: Մեհրուժան Արծրունի արդէն հակառակ կարծիք ունէր եւ Պարսից կողմին յարած էր(ԲԶՆ. 144), նոյնպէս Վահան Մամիկոնեան (ԲԶՆ. 264), որք յետոյ հաւատքնին ալ ուրացան (ԽՈՐ. 222): Այդ պատգամաւորութիւնը, յունապարսիկ դաշնագրութենէն քիչ ետքը կազմուած ըլլալով հարկաւ Յովիանոսի երթալու դիտաւորութեամբ ճամբայ ելաւ, սակայն Յովիանոս միայն եօթն ամիս պաշտօն վարեց, եւ շնչարգելութեան արկածով մեռաւ 364-ին, եւ պատգամաւորութիւնը Վաղէսը գտաւ կայսերական գահին վրայ, որ թէպէտ քրիստոնեայ, բայց Արիանոսաց պաշտպան էր: Անգամ մըն ալ կ՚ուզենք յիշեցնել, թէ Չոնակ կաթողիկոս մը ստեղծողներ, անոր նկատմամբ խօսք չունին, երբ Ներսէս, որ իր եկեղեցական պաշտօնէն չէր դադարած, պետական գործերու մասնակցութիւնը կը վերստանձնէ:

135. ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ

Սոյն պատգամաւորութեան մասին տարբեր կերպով կը խօսին մեր երեք պատմագիրները, որոնք սկզբնական աղբիւրներու տեղ կ՚անցնին: Բուզանդի գրածին համեմատ, Ներսէս նախ մեծապայծառ փառօք եւ մեծաւ շքով մեծարուեցաւ Վաղէսէ (ԲԶՆ. 81), բայց երբ Վաղէսի տղան բժշկելու հրաւիրուեցաւ, նա ուղղափառ դաւանութիւնը պայման դրաւ եւ 15 օր պայմանաժամ տուաւ (ԲԶՆ. 88), բայց Վաղէս չհամակերպեցաւ եւ տղան մեռաւ: Վաղէս զայրանալով կ՚ուզէր Ներսէսը չարամահ առնել, բայց իր աւագանիին միջնորդութեանը վրայ աքսորեց զայն ի կղզի մի ի ծովու մեծի, զի սովամահ սատակեսցէ զնա (ԲԶՆ. 91): Իսկ նախարար պատգամաւորները կաշառակուրծս կաշառաբեկս ընելով ետ կը դարձնէր, եւ Ներսէսի մասին գիր ամբաստանութեան կը ղրկէր Արշակի (ԲԶՆ. 92): Ներսէսամս ինն կը մնայ աքսորին մէջ, հրաշքով կը կերակրուի (ԲԶՆ. 96), մինչեւ որ Վաղէսի մահուընէն ետքը ազատելով, Հայաստան կը դառնայ (ԲԶՆ. 112): Իսկ Արշակի համար ալ կ՚ըսուի թէ Ներսէսի վրէժը լուծելու համար բանակ կը հանէր, եւ Վասակ Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ զվեց ամ միմեանց զհետ աւերէր Կապադովկիոյ եւ Գաղատիոյ կողմերը (ԲԶՆ. 107): Կենսագիրին համեմատ ալ Վաղէս նախ Ներսէսը մեծարեց եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքէն վեր նստեցուց, բայց իր որդւոյն մահուան առթիւ թշնամացաւ, նախ ուզեց Ներսէսը մեռցնել, բայց աւագանոյն միջնորդութեան վրայ, ուրիշ 72 եկեղեցականներու հետ աքսորեց ի կղզի մի յանբնակ եւ հեռաւոր, զի անդէն մեռցի, ուր մնաց Ներսէս ամիսս ինն: Վաղէս պատգամաւոր նախարարները պատուով դարձուց, եւ Ներսէսի համար ամբաստանութիւն գրեց, սակայն Արշակ զայրանալով, Վասակ Մամիկոնեանը կայսրութեան վրայ ղրկեց, որ երկիրը քանդեց, եւ հասաւ յեզր ծովուն ի տեղւոջ մի որ կոչի Խռսուպոլիս, կամ Խռիսուպոլիս, որ է այժմեան Իւսկիւտարը, Վոսփորի եզերքը: Վաղէս նեղի մտնելով Ադրիանուպոլիս փախաւ, եւ Նեքտառիաս պատրիարք հաշտութիւն խօսեցաւ, եւ Վասակ յետ ութ ամսոյՀայաստան դարձաւ: Բայց Ներսէս տակաւին իր աքսորական կղզիին մէջ մնաց, մինչեւ որ Վաղէս մեռաւ եւ Թէոդոս Ներսէսը ազատեց, որ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին ներկայ եղաւ ի վեր քան զամենայն եպիսկոպոսացն եւ զպատրիարքին եւս աթոռ վայելելով, եւ յետոյ Հայաստան դարձաւ (ՍՈՓ. Զ. 53-62): Իսկ Խորենացին երկու պատգամաւորութիւններ կը զատէ, մէկը Վաղենտիանոսի օրով, երբ Ողիմպիադան եւ պատանդները բերաւ (ԽՈՐ. 207), եւ միւսը Վաղէսի օրով, երբ Պապ ու նախարարաց զաւակները պատանդ տարաւ Բիւզանդիոն (ԽՈՐ. 216): Բայց Վաղէս Ներսէսը տեսնել իսկ չուզեց, Մակեդոն պատրիարք միջնորդել ուզեց եթէ Ներսէս հոգեմարտութեան վարդապետութեան համաձայնի (ԽՈՐ. 217), բայց Ներսէս մերժեց ու աքսորուեցաւ եւ ալեկոծութեամբ ի կղզի ինչ ինկաւ, ուր մնաց ամիսս ութ անտառին արմատները եւ ծովին ձուկերը ուտելով: Պապ ու պատանդները Մակեդոնի առաջարկին համաձայնելով ազատուեցան (ԽՈՐ. 218): Ներսէս աքսորին մէջ մնաց մինչեւ Թէոդոսի թագաւորելը, որ աքսորեալները դարձուց, ընդ որս եւ մեծն Ներսէս, եւ զայն պատուեց, մինչեւ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովէն ետքը (ԽՈՐ. 220): Այդ միջոցին Շապուհ շատ վնասներ կը հասցնէր Հայոց, ուստի Ներսէս կը խնդրէ Թէոդոսէ Պապի թագաւորութեան օգնել, եւ այնպէս կը դառնայ Հայաստան (ԽՈՐ. 224):

136. ՆԵՐՍԷՍ ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՄԷՋ

Այդ պատմութիւնները թէպէտ ընդհանուր գիծերու մէջ իրար կը շօշափեն, բայց արտաքին պատմութեան եւ ժամանակագրութեան հետ բնաւ չեն հաշտուիր, եւ իրենց մէջ ալ անկապակից եւ իրար հակասող տարրեր կը պարունակեն: Պատգամաւորութեան յղուիլը, թէպէտ արտաքիններ չեն յիշեր, բայց մերայիններուն համաձայնութեան եւ եղելութեանց պահանջին վրայ պէտք է ընդունիլ: Ներսէսի գլխաւորութեամբ եկող պատգամաւորութեան պարտուպատշաճ մեծարանքը բնական էր, այլ ոչ զայն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքէն վեր բարձրացնելը: Վաղէսի որդւոյն բժշկութեան հրաւիրուիլը, եւ չբժշկելուն համար բանտարկուիլը եւ մահուան դատապարտուիլը, եւ իբր շնորհք անբնակ կղզի աքսորուիլը ընդունելու համար, պէտք էր Վաղէսը խելակորոյս յիմար մը ենթադրել: Դժուար է թէ Վաղէս այդչափ վստահութիւն ունենար Ներսէսի աղօթքին, իսկ օտար հայրապետ մը դատապարտելը, եւ իբր չքմեղանք ամբաստանագիր ղրկելը, քաղաքական յարաբերութեանց տեսակէտէն անհնար եւ անհաւատալի պարագաներ են: Վաղէսի Տրայիանոս որդի մը ունենալը ուրիշ տեղէ ծանօթ չէ: Միայն Գրիգոր Աստուածաբան պատմած է, թէ Վաղէս անձամբ Կեսարիա գնաց Բարսեղ Կեսարացին շահելու, եւ չկրնալով զայն իր կողմը ձգել, հրամայեց զայն աքսորել, բայց նոյն գիշեր իր վեց տարեկան Վաղենտիանոս Գաղատոս որդին ծանրապէս հիւանդացաւ: Դոմինիկէ կայսրուհին այդ պարագան աստուածային պատիժ նկատելով Բարսեղին աքսորը արգիլել տուաւ: Անմիջապէս տղան սկսաւ ապաքինիլ, եւ սուրբը վստահեցուց որ կ՚ապրի, եթէ ուղղափառութեան մէջ դաստիարակուի: Վաղէս խոստացաւ, տղան առողջացաւ, սակայն Արիանոսներուն մկրտել տուաւ, տղան նորէն հիւանդացաւ ու մեռաւ, եւ Վաղէս զայրանալով երկրորդ անգամ Բարսեղը աքսորելու հրաման ուզեց տալ, բայց անհնար եղաւ հրովարտակը ստորագրել (ՓԵԹ. Ա. 369): Հաւանաբար այդ պատմութիւնն է որ Ներսէսի պատշաճեցուցած են: Ներսէսի 9 տարի ամբողջ Հայաստանէ դուրս գտնուիլը` կղզիի մը կամ քաղաքի մը մէջ աքսորմամբ, ոչ մէկ կերպով կրնայ հաշտուիլ պատմութեան ընթացքին հետ, եւ երկրին այսչափ երկար ատեն առանց հայրապետի մնալը չ՚արդարանար, մանաւանդ որ նոր Չոնակ մըն ալ այս պարագային համար ստեղծուած չէ: Վասակ Մամիկոնեանի 6 տարի կայսրութեան գաւառները արշաւանքներ ընելը եւ մինչեւ Վոսփոր հասնիլը, եթէ իրօք եղած ըլլար, հնար չէր որ արտաքին պատմիչներ չյիշէին: Արշակի ալ անհնար էր Յունաց դէմ պատերազմներ մղել, երբ միւս կողմէ Պարսիկներէն սաստիկ կը նեղուէր: Թող որ Արշակ 364-էն ետքը 6 տարի եւս թագաւորութիւն չունեցաւ: Մակեդոն պատրիարքն ալ 360-ին աթոռէն զրկուեցաւ եւ 361-ին մեռաւ, որով Ներսէսի համար միջնորդութիւն չէր կրնար ընել: Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին գալով, անիկա գումարուեցաւ 381-ին, իսկ Ներսէս արդէն 373-ին մեռած էր: Թէոդոս ալ, որ 378-ին կայսր հռչակուեցաւ, չի կրնար երբեք Ներսէսի հետ գործ ունեցած ըլլալ: Այդ դիտողութիւններէն ետքը հետեւեալ կերպով հնար է ամփոփել եղելութիւնը: Պատգամաւորութիւնը Կոստանդնուպոլիս եկաւ 364-ին, պատանդ բերելով Պապ արքայորդին եւ նախարարներու զաւակները (ԽՈՐ. 216): Վաղէս պատուաւոր ընդունելութիւն ըրաւ, բայց գործը երկարեց կրօնական խնդիրներ ալ խառնելով, եւ վերջապէս յարաբերութիւնները ի սպառ չխզելու համար, խոստումներով Ներսէսն ու պատգամաւորութիւնը ետ դարձուց, Պապի եւ ուրիշ պատանդներուն համար ալ բնակավայր սահմանելով Նէոկեսարիա, այժմ Նիքիսար քաղաքը (ԱՄՄ. 427): Ներսէս 364-ին Հայաստանէ մեկնելով, 365-ին վերադարձաւ, 9 ամիս բացակայութենէ ետքը:

137. ԽԱԴԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Այս անգամ ալ Ներսէսի բացակայութեան միջոցին պաշտօնական տեղակալութիւնը եւ արքունեաց հետ յարաբերութիւնները, կատարած է հաւանաբար նոյն Շահակ Մանազկերտացին, որ Ներսէսէն առաջ 115) եւ Ներսէսի ատեն 132) այդ պաշտօնը վարած էր, թէպէտ բնաւ յիշատակուած չենք գտնէր: Ընդհակառակն, կը յիշուի Խադ Կարնեցին, որ Ներսէսի հաւատարիմ գործակատարն էր, եւ որուն Ներսէս չմեկնած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն էր տուած Բագրեւանդայ եւ Արշակունեաց վիճակներուն վրայ, եւ անոր յանձնարարած էր զամենայն գործ վերակացութեան աշխարհին մինչեւ ցժամանակ իւրոյ դարձին (ԽՈՐ. 218): Ներսէսի քաշուած ատենը, Խադն ալ միասին գործէ քաշուած էր հարկաւ, իսկ այս անգամ Խադ գործի վրայ կը մնար, որովհետեւ Ներսէս ալ գործէ քաշուած չէր սեպուեր: Որչափ ալ Խադի յանձնուած վերակացութեան աշխարհին գործը, բարեգործական եւ կրթական հոգերն էին, վասնզի ամէն կողմ կը պտըտէր կարգել եւ խրատել, ուսուցանել եւ դարմանել զաղքատսն, որպէս էր նմա յանձնարարեալ սրբոյն Ներսէսի (ԲԶՆ. 111), սակայն Խադ իր նախանձայուզութիւնը բարեկարգական գործերու ալ կը տարածէր, եւ համարձակ Արշակը կը յանդիմանէր տեղի ունեցած անկարգութեանց համար, հիմնուելով իբր տեղապահ ստացած իշխանութեան վրայ: Արշակ ջանաց Խադը լռեցնել, եւ ագահութեամբ կարասւոյն մեքենայիւ խաբել զայն, բայց չօգտուեցաւ (ԲԶՆ. 110): Թերեւս Արշակի համարձակութիւն տուող պարագան այն էր, որ Խադ էր պճնող առ հանդերձս եւ ձիասէր, որ շատերուն ալ տարօրինակ կ՚երեւար Ներսէսի ընթացքին բաղդատութեամբ: Այստեղ ի դէպ է դիտել, թէ Լուսաւորչի ազգատոհմէն եղող եկեղեցականներ վանական ու կրօնաւորական տարազով կ՚ապրէին, ինչ որ պարտաւորիչ չէր աշխարհիկ կամ ամուսնացած եկեղեցականութեան, որք իբր ազնուականներ, նոյն դասակարգին սովորութեանց համաձայն կրնային ապրիլ: Ահա թէ ինչու Խադ, բոլոր իր ուղղութեամբ յամենայնի նմանեալ մեծին Ներսէսի, կրնար վայելուչ ճոխութիւններ գործածել: Արշակ կաշառելու չյաջողած ատեն, սկսաւ իրեններով անոր ընթացքը քննադատել եւ փոխանակաբանել, իսկ Խադ առիթը վերցնելու համար ձեւը փոխեց եւ խարազանազգեստ եղեալ իշով շրջէր (ԽՈՐ. 219):

138. ԱՐՇԱԿԱՒԱՆԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

Արշակի անունին արատ բերող գործերէն մէկն ալ Արշակաւանի եղելութիւնն է: Արշակ մեծամտութիւն ունեցաւ իր անունով քաղաք մը շինել, եւ գեղեցիկ դիրք մը զատեց Կոգովիտ գաւառին մէջ, այսինքն է Մասիսի հարաւ-արեւմտեան ստորոտը որ դէպի Պայազիտ կը նայի: Որչափ ալ ժամանակը ճշդուած չէ, այլ Արշակաւանի հիմնարկութիւնը տեղի ունեցած պիտի ըլլայ մերձաւորաբար այն միջոցին, որ Ներսէս արքունիքէն հեռացած կը մնար, որով գործին մասնակցութիւն չունեցաւ: Բայց կ՚երեւի թէ Արշակի դաստակերտը մէկէն յաջողութիւն չգտաւ, որ Արշակ զայն շէնցնելու համար, ապաստանի քաղաք հռչակելու ձախող գաղափարը ունեցաւ, որ ոք անկեալ անդր բնակեսցէ, մի լիցի ի վերայ նորա իրաւունք դատաստանի: Այս բաւական եղաւ որ Արշակաւան յանկարծ բազմամարդանայ, եւ լինի Ժողով մարդկան մեղաւորաց: Ինչչափ եղեռնագործներ կային, աւանդառուք եւ պարտականք եւ ծառայք եւ վնասակարք եւ գողք եւ սպանողք եւ կնահանք, ամէնքն ալ Արշակաւան խուժեցին, եւ նորէն ալ ազատաբար ոճիրներ գործելու դուռ բացուեցաւ: Այդ հրամանը պէտք է դնել յունապարսիկ դաշնագիրէն անմիջապէս ետքը, երբոր Ներսէս պատգամաւորութեան գնաց: Բոլոր աշխարհին հանդարտութիւնը վրդովուեցաւ, ընտանեկան խաղաղութիւն, կենաց ապահովութիւն, եւ ստացութեանց կանոնաւորութիւն չմնաց: Նախարարներ թագաւորին բողոքեցին եւ առաջարկեցին հրամանը ետ առնել, բայց Արշակ իր դաստակերտին բազմամարդանալէն շլացեալ ոչինչ լուաւ նոցա (ԽՈՐ. 213): Խադ ալ սկսաւ ձայն բարձրացնել, յանդիմանել եւ բողոքել, մինչեւ իսկ չհաւանեցաւ այնտեղ սեղան ուղղել, այն է Արշակաւանի նոր եկեղեցւոյն մէջ հոգեւոր պաշտօն կատարել (ԲԶՆ. 110): Երբոր Ներսէս Բիւզանդիոնէ դարձաւ այն ալ միջամտեց, որ ապաստանի դրութիւնը վերցնէ, ժողվուած մարդիկը ցրուէ, եւ իրաւունքներու եւ պարտքերու հատուցման հրաման ընէ, եւ կը խոստանար իսկ որ արդարութեամբ շէնցնեն Արշակաւանը: Բայց Արշակ բնաւ ականջ չէր կախեր եւ ծաղր առնէր զբան կաթողիկոսին (ԲԶՆ. 114): Նախարարներ Արշակի անտարբերութեան վրայ զայրացան, եւ իրենցմէ մերձաւորները զինուեցան, դիմեցին ի վերայ արքունական ձեռակերտին Արշակաւանայ եւ հարին զնա սրով սուսերի (ԽՈՐ. 213): Ներսէս լսելով վրայ հասաւ կոտորածը արգելել, եւ կոտորուածներուն տղաներն հաւաքել եւ խնամել (ԽՈՐ. 214): Կոտորելոց դիակները հիւանդութեանց ալ պատճառ եղան, եւ ախտ մը զոր չարակեղն իմն կոչեն, իսկ կէսքն ժանգ անուանեն, երեք օրուան մէջ քաղաքը անմարդացուց, եւ իբր 20, 000 (ԲԶՆ. 115) կամ 18, 000 երդ, որ է տուն (ՍՈՓ. Զ. 65), կորան կոտորածով եւ ժանտախտով, եւ քաղաքը անբնակ դարձաւ: Աւելի ուշ երկրաշարժ մըն ալ վրայ հասաւ (ՍՈՓ. Զ. 65) եւ շինութեանց մնացորդները կործանեց եւ այժմ հազիւ թէ աննշան հետքեր կ՚երեւին Խարապապազար կոչուած տեղը: Արշակաւանի կործանումը իդէպ է հաշուել 366-ին, բայց անկէ ի վեր անոր չարագուշակ անունը մոռցուած չէ, եւ Հայոց մէջ Սոդոմ-Գոմորի համանշանակ իմաստ ստացած է:

139. ԱՐՇԱԿԻ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Արշակաւանը աւելի մեծ վնաս մըն ալ պատճառեց երկրին, թագաւորին եւ նախարարներուն մէջ յայտնի թշնամութեանց առիթ ստեղծելով: Արշակաւանի վրայ գացող նախարարներ, ուղղակի թագաւորին վրայ ալ քալող կը նկատուէին, վասնզի անդ ապարանս արքունի եւս շինած էր Արշակ (ԲԶՆ. 110), որ խոյս ետ ի նոցանէ զկողմամբք Կաւկասու (ԽՈՐ. 213), մինչդեռ Շապուհ առիթէն օգտուելով օգնութիւն ղրկած էր ընդդիմադիր նախարարներուն, եւ Արշակի դէմ կռիւը, Հայոց դէմ պատերազմի փոխելով, յարձակած էր մինչեւ Դարանաղեաց Անի ամրոցը, այժմ Կամախ, եւ Արշակունի թագաւորներու ոսկորներն իսկ վերցուցած: Նախարարներ աղաչելով ոսկորները ետ առին, բայց որովհետեւ հեթանոս եւ քրիստոնեայ թագաւորներուն ոսկորները խառնուած էին, արժան չդատեցին Վաղարշապատի կաթողիկէին մօտ թաղել, ուր լոկ քրիստոնեաներն էին թաղուած, այլ տարին թաղեցին Արագածի վրայ Աղցք գիւղը (ԽՈՐ. 213), որ մօտ է Կաւաշի: Իսկ Արշակ Վրաստանի եւ բոլոր հիւսիսային գաւառներու գունդերը միաբանելով, յարձակեցաւ Արշակաւանը աւերող նախարարներուն վրայ, խնդրել զվրէժ ձեռակերտին իւրոյ, բայց ամենէն աւելի ծանրացաւ Կամսարականներուն վրայ, որովհետեւ Ներսէհ Կամսարական հրամանատար եղած էր ընդդիմադիր գունդերուն (ԽՈՐ. 216): Անոր գերդաստանը խաբկանօք իրեն ձգելով ամբողջ կոտորել տուաւ (ԽՈՐ. 218), եւ մարմինները հրամայեց ընկենուլ անթաղ, կերակուր լինել շնաց, մինչեւ իսկ անոնց ոսկորները հաւաքող եւ թաղող սայլորդներն ալ կախաղան հանել տուաւ (ԽՈՐ. 219): Վրէժխնդրութեան նպատակին մէջ չարակնութիւնն ալ խառնուած էր, զի կ՚ուզէր գրաւել անոնց Արտագերս բերդը եւ Երուանդաշատ քաղաքը (ԽՈՐ. 218): Ներսէհ Կամսարական Գազաւոն եւ Շաւարշ զաւակներովը Յունաստան կրցաւ փախչիլ, եւ միայն Սպանդարատ խնայուեցաւ, վասնզի Արշակունի կին ունէր (ԽՈՐ. 218), թէպէտ ըստ այլոց մանկիկ մը, փոքրիկ եղած կ՚ըսուի (ԲԶՆ. 133), որ պէտք է հօրը հետ ազատուած տղայ մը ըլլայ: Կամսարականներուն վրայ կատարուած անգութ կոտորածին եւ անոնց մարմիններուն անարգանքին ատեն, վրայ հասաւ Խադ եպիսկոպոս, որ չկրնալով ինքզինքը զսպել, համարձակեցաւ կշտամբել զարքայ բանիւք յանդիմանութեան, իսկ Արշակ անոր դէմ ալ բռնանալով, հրամայեց քարշել զնա եւ քարկոծել: Սակայն ներկայ եղող Ապահունի նախարարազուն եղբայրներ` կորովի եւ քաջ երիտասարդներ, քարշողներու վրայ կը յարձակին եւ Խադը կ՚ազատեն, որ իրենց բացակայ եղբօր աներն էր (ԽՈՐ. 220):

140. ՊԱՐՍԻՑ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ

Հայերուն Բիւզանդիոնէ օգնութիւն ուզելը, հարկաւ Շապուհի հաճելի չէր ըլլար, եւ Վաղէսի ալ թոյլ ընթացքը զինքը կը քաջալերէր համարձակ գործել Հայոց դէմ, առանց Բիւզանդիոնի միջամտութենէն վախնալու. քանի որ Վաղէս թէպէտ Հայերը առերեսս կը խաբխբէր, սակայն Յովիանոսի դաշինքը խախտելու միտք չէր ցուցներ: Այս միտքով, նախ զանազան նենգաւոր միջոցներով, ապա մասնաւոր թշնամութիւններով Հայոց քաղաքական կացութիւնը կը ջանար պառակտել, նախարարներէն քանիները հրապոյրներով, եւ ուրիշները սպառնալիքով ու բռնութեամբ իրեն կողմը կը ձգէր, եւ Հայաստանի վրայ արշաւանքներ կը սկսէր (ԱՄՄ. 426): Այդ ջանքերուն մէջ իրեն օգնական եւ խորհրդական ունէր, երկու ուրացեալ Հայ նախարարները` Մեհրուժան Արծրունին եւ Վահան Մամիկոնեանը 134), որոնք լատին պատմագիրէն Կիւլակէս եւ Արտաւան են կոչուած (ԱՄՄ. 426), հարկաւ ուրացութենէ ետքը անուննին ալ փոխած ըլլալնուն համար, քանի որ յայտնապէս կը յիշէ թէ Արտաւան առաջ Հայոց բանակին հրամանատարն էր (ԱՄՄ. 426), եւ այս կերպով Վահան Մամիկոնեանը կը մատնանշէ: Նոր կացութիւնը յանկարծ կը յեղափոխէր Հայոց քաղաքականութեան ընթացքը: Արշակ Շապուհի յարձակումներէն զզուած, եւ քիչ մըն ալ Վաղէսի խոստումներէն ոգեւորուած, կը միանար Ներսէսի եւ նախարարներուն հետ, որպէսզի համաձայն եւ համերաշխ կերպով դէմ դնեն Պարսիկներուն, եւ անոնց համամիտ սակաւաթիւ Հայ նախարարներուն: Ներսէս ոգեւորիչ էր այդ համաձայնութեան, Վասակ Մամիկոնեան սպարապետ էր հայագունդ բանակին, եւ իրեն օգնական ունէր Անդովկ Սիւնին` Փառանձէմ թագուհիին հայրը (ԲԶՆ. 165). իսկ Արշակ անձամբ եւ իշխանութեամբ կը հովանաւորէր զինուորական ձեռնարկները: Շարք մը պատերազմներ տեղի ունեցան այնուհետեւ Պարսից եւ Հայոց մէջ, սակայն անհնար է հետեւիլ Բուզանդի պատմածներուն, որ 24 յարձակումներ կը թուէ, զատ զատ Պարսիկ զօրավարներու անունով, եւ իւրաքանչիւրին ձեռքին տակ 40-է մինչեւ 400 բիւր զօրաց բանակներ, եւ ամէնն ալ Հայերէ չարաչար յաղթուած եւ ի սպառ կոտորուած, այնպէս որ եւ ոչ մի ոչ ապրեցուցանէին (ԲԶՆ. 149-162): Այս տեսակ առաւելաբանութիւններն են, որ Բուզանդի պատմութիւնը կեղակարծ կը դարձնեն, եւ նոյն մեղադրանքը դիւրաւ ուրիշ պատմածներուն վրայ ալ կը տարածուի: Եթէ իրօք այդ ըլլար հայապարսիկ պատերազմներուն ելքը, ոչ Պարսկաստան զինուոր մնացած պիտի ըլլար, եւ ոչ ալ Հայ նախարարներ պատերազմներէ պիտի ձանձրանային, Արշակի դէմ ելած պիտի չըլլային, եւ պատերազմելու պիտի չդժկամակէին: Նախարարներուն բերանէն ըսուած է, թէ այս երեսուն ամ է թագաւորին մերոյ Արշակայ, զի ոչ մի ամ մեզ հանգիստ ոչ եղեւ ի պատերազմէ (ԲԶՆ. 165), որ միայն Արշակի վրայ չի կրնար իմացուիլ, վասնզի Արշակ ոչ իսկ 30 տարի թագաւորութիւն ունեցաւ, եւ ոչ ամէն տարի պատերազմի մէջ եղաւ: Այլ յաւէտ պէտք է ըսել, թէ 337-էն, այսինքն քառասնամեայ խաղաղութեան լրանալէն մինչեւ 367, Հայաստան ապահով խաղաղութեան ատեն չունեցաւ:

141. ՇԱՊՈՒՀԻ ՆԵՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Զինուց բախտը կատարելապէս Պարսից յաջող եղած պիտի չըլլայ, եւ ոչ ալ Հայոց նպաստաւոր, որ Հայ նախարարներ պատերազմէ ձեռնթափ լինել կը խորհին, իսկ Շապուհ ալ հաշտարար միջոցները կը նախադասէ: Ներսէս, ընդհակառակն կ՚աշխատի նախարարներուն մէջ ինկած երկպառակութիւնը դարմանել, եւ Բիւզանդական օգնութեան ակնկալութեամբ, եւ մանաւանդ քրիստոնէական կրօնի պաշտպանութեան յորդորներով` կը ջանայ Պարսից դէմ զինուորական դիմադրութիւնը չդադարեցնել (ԲԶՆ. 166): Պէտք է յիշել այստեղ, թէ Ներսէսի միտքին վրայ մեծապէս կ՚ազդէր այն սոսկալի հալածանքը` զոր Շապուհ պաշտօնապէս հրատարակած էր քրիստոնէութեան դէմ, եւ որ տարիներէ ի վեր սաստկութեամբ կը շարունակէր, եւ որ մինչեւ երկու հարիւր հազար քրիստոնէից նահատակուելուն պատճառ եղած կ՚ըսուի, նոյնիսկ Պարսիկ պատմագիրի մը վկայութեամբ (ՊԵԼ. Բ. 904): Հարկաւ Ներսէս չէր կրնար վստահիլ Շապուհի կողմէ քրիստոնէից խոստացուած բարեկամութեան: Նախարարներ ընդհակառակն յուսահատ խորհուրդի դիմեցին, եւ երբ վերջին անգամ Ալանաոզան Պահլաւիկ հզօր գնդաւ յարձակեցաւ, եւ Արշակ խոյս տուեալ կը հեռանար, նախարարներ փութացին ձեռն տուեալ հաւանիլ Պարսիկին առաջարկութեանց, եւ Շապուհին երթալով հպատակութիւն յայտնել, որ խաբէութիւնը լրացնելու համար լաւ ընդունելութիւն կ՚ընէր անոնց, եւ մեծարեալք ի նմանէ դառնային իրենց տեղերը: Արշակ քաջալերուելով այդ պարագայէն, ինքն ալ Պարսիկ զօրավարին հետ բանակցութեան կը մտնէ, եւ կը հաւանի իսկ Տիզբոն երթալ եւ Շապուհի ներկայանալ (ԽՈՐ. 221): Երդմնազանցութեանց հետ խառն ճարտար հրապոյրներ, կ՚անուանէ լատին պատմագիրը, Շապուհի բռնած ընթացքը (ԱՄՄ. 426): Բուզանդ ալ կը յիշէ, թէ Շապուհ ետ բերել աղ եւ կնքել վարազ նկարագիր մատանեաւ, որ ըստ օրինացն Պարսից, նշան էր հաւատարիմ երդմանց թագաւորութեան: Պարսկաստանէ դարձող նախարարներն ալ Արշակը ստիպեցին, բռնազբօսեցին, շտապեցին, մինչեւ որ Արշակ թէ կամաւ կամաւ, եւ թէ ոչ կամաւ, Վասակ Մամիկոնեան սպարապետն ալ մէկտեղ առնելով Շապուհի ներկայացաւ (ԲԶՆ. 168): Ներսէս իր կասկածոտ դիմադրութիւնը շարունակեց, թէպէտ իր խորհուրդը անարգւեցաւ, սակայն ինքն իր դիրքը պահեց պարագայից հսկելու համար:

142. ԱՐՇԱԿԻ ՄԱՀԸ

Իրաց ելքը իրաւունք տուաւ Ներսէսի, նախատեսած վտանգը կատարուեցաւ, եւ Շապուհ բոլորովին խոստման հակառակ վարուեցաւ: Քիչ մը ատեն ինքզինք չյայտնեց, Արշակի գրել տուաւ, որ Փառանձէմ թագուհին ալ Պարսկաստան գայ. նախարարներուն գլխաւորներն ալ իրենց կիներով մէկտեղ նորէն Տիզբոն հրաւիրեց (ԽՈՐ. 222), եւ միւս կողմէն դիւթութեանց դիմեց, Արշակի ներքին մտածումները իմանալու համար: Հայաստանէն իբրեւ բեռինս երկուս հող եւ կահոյր մի ջուր բերել տալով, մոգերուն ձեռքով կախարդական փորձեր կատարեց, եւ համոզուեցաւ թէ Արշակ խրոխտ է, եւ եթէ ազատութիւն գտնէ` թշնամութիւն պիտի յուզէ: Ուստի հրամայեց զայն երկաթէ շղթայի զարնել եւ Խուժաստանի Անյուշ բերդը նետել, որ Անդմըշ ալ կը կոչուէր (ԲԶՆ. 172). իսկ լատին պատմագիրը Ագաբանա կ՚անուանէ, եւ միանգամայն կ՚ըսէ, թէ Արշակը կուրացուցին ալ, եւ թէ շղթաները արծաթէ էին, որ մեծամեծ անձերու դատապարտութեան առթիւ, իբր պատիւ մը կամ ունայն մխիթարանք մը կը գործածուէր (ԱՄՄ. 426): Անյուշ բերդը վերջնական մոռացութեան տեղ էր, ուր նետուածը գրեթէ անսուաղ, կեանքը կը վերջացնէր: Իսկ Վասակ Մամիկոնեանի հետ Շապուհ աւելի խիստ կերպով վարուեցաւ: Անոր ըրած պատերազմները իբր անհաւատարմութեան գործեր` դատաստանի ենթարկեց, եւ Վասակի խրոխտ խօսքերէն աւելի զայրանալով, մորթազերծ մահուան վճիռ տուաւ, եւ մորթը յարդով լեցնելով Արշակի կսկիծը շատցնելու համար, Անյուշ բերդը ղրկեց, որ անոր ցուցնեն (ԲԶՆ. 173): Արշակի վերաբերեալ կէտերը լրացնելու համար աւելցնենք, թէ յայտնի չէ թէ որչափ ատեն ապրեցաւ նա Անյուշի մէջ: Ըստ Խորենացւոյ նա կ՚ապրէր տակաւին երբոր Հայաստանի վերահաս աւերածները տեղի ունեցան, եւ թէ զայս ամենայն աղէտս թշուառութեանց լուեալ յուսահատեցաւ, եւ անձնասպան եղաւ, առանց ըսելու թէ ինչպէս (ԽՈՐ. 223): Բուզանդ Դրաստամատ մը կը յիշէ, Անգեղատան իշխան, Արշակի հաւատարիմ, անոր հետ Պարսկաստան գացած, յետոյ Պարսից ծառայութեան մտած, եւ Քուշանաց պատերազմին մէջ Շապուհի կեանքը ազատած` որ իբրեւ պարգեւ` արտօնութիւն կը ստանայ, օր մը Արշակը ուրախացնել, չղթաներէ ազատելով, լուալով, զարդարելով, եւ խորտիկներ եւ գինիներ տանելով, եւ թէ այդ միջոցին Արշակ արբենալով, կերակուրին դանակը սիրտը մխեց ու մեռաւ, եւ Դրաստամատ ինքն ալ անձնասպան եղաւ (ԲԶՆ. 215): Ամմիանոս բանտարկութիւնը յիշելէն անմիջապէս ետքը կ՚աւելցնէ, թէ անդէն կտտամահ մեռաւ վրիժառու երկաթով (ԱՄՄ. 426): Իսկ Սոզոմենոս Արշակը հաւատոյ նահատակ կը ճանչնայ, եւ ուրացութեան չհաւանելուն համար կտտամահ սպաննուած կ՚ըսէ (ԿԱԼ. Ա. 44): Այս տարբեր պատմութիւններուն մէջէն նախադասութիւն կու տանք վերջիններուն: Մերոնք քաղաքական ճարտարութեանց ու վարչական պահանջմանց մասին գաղափար չունին, եւ անողոք են այն թագաւորներուն հետ` որ յամենայնի հայրապետներուն խօսքովը չեն շարժուած, եւ կը սիրեն անոնց գլուխը անիծակուր խօսքեր եւ երկնառաք պատուհասներ թափել: Բայց նոյն միջոցին Պարսկաստանի մէջ տիրող հալածանքը եւ Շապուհի Քրիստոնէից դէմ ատելութիւնը, պատմական ստուգութիւններ են, եւ Շապուհի կողմէ իրեն ձեռքը ինկածներուն` ուրացութիւնը իբր փրկութեան միջոց առաջարկելն ալ յայտնի է, ինչպէս օրինակները պիտի յիշենք: Ըստ ամենայնի հաւանական է նոյն առաջարկին Արշակի ալ եղած ըլլալը, որուն խրոխտ ու պատուազգած բնաւորութիւնը յայտնի կ՚երեւի, ինչ ալ ըլլան քաղաքական ընթացքին մասին ըսուելիք տեսութիւնները, եւ բնական է որ Արշակի դիմադրած մերժումը` Շապուհը գրգռած ըլլայ` Անյուշի կտտամահ կեանքին եւ կուրացուելուն եւ վրիժառու երկաթով վախճանին հրամանը տալու: Ժամանակագրութեան կողմէն պէտք է 366-էն 368, երեք տարիներու մէջ դնել հայապարսիկ պատերազմները, 368-ին Արշակի Պարսկաստան երթալն ու բանտարկուիլը, եւ յաջորդ 369 տարին ալ իր եղերական մահը:

143. ՊԱՊԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Արշակի վախճանին պատմութիւնը լրացնելով ետ դառնանք Հայաստանի դէպքերուն: Արշակի եղած հրաւէրին խաբէութիւն մը ըլլալը, շուտով հասկցուեցաւ Հայաստանի մէջ, եւ Արշակի բերնով եկած գիրերուն ոչ ոք վստահութիւն ունեցաւ: Նախարարներէն մի մասը ընտանիքնին հաւաքելով Յունաստան անցան, ուրիշներ Ալանոազանի գունդերէն մեծ մասին ետ դառնալը տեսնելով քաջալերուեցան, եւ զինուորական պաշտպանութեան պատրաստուեցան: Փառանձէմ թագուհի Տրդատ արքայորդին ալ մէկտեղ առնելով, գանձերով ու պաշարներով Արտագերից բերդը ապաւինեցաւ: Ներսէս հայրապետ եւ Մուշեղ Մամիկոնեան` Վասակի որդին` նոր սպարապետ, Վաղէս կայսեր դիմեցին, Պարսից դէմ օգնութիւն, քրիստոնէութեան պաշտպանութիւն, եւ նոր թագաւոր ու հովանաւորութիւն խնդրելով: Վաղէս գոհ մնաց, որ Հայեր իրեն կը դիմեն, թագաւորութեան համար յարմար տեսաւ Պապը, Ողիմպիադա յոյն թագուհիէն եղած Արշակի որդին, Տերենտիոս կամ Տերենտիանոս սպարապետի ալ հրաման տուաւ որ զօրաւոր բանակով Հայաստան երթայ, եւ Պապի, կամ լատին պատմիչին համեմատ` Պարայի թագաւորութիւնը հաստատէ, պայմանով որ իշխանութիւնը վարէ, առանց արքունական անուն եւ զարդ գործածելու, որպէսզի Յովիանոսի յանձն առած պայմանները զանց ըրած կամ դաշնագիրը եղծած չըսուի (ԱՄՄ. 417): Անգամ մըն ալ հարկ կը սեպենք դիտել տալ, որ հնար չէ Պապը Փառանձէմի հարազատ զաւակ ընդունիլ, քանի որ Փառանձէմ Գնէլի սպանութենէն ետքը Արշակի կին եղաւ 359-ին, իսկ Պապ 363-ին պատանդ տարուեցաւ, եւ 369-ին թագաւոր հռչակուեցաւ: Արդ, պատանդ գացած ատեն արդէն ջրթափեաց եւ հուժկու կ՚ըսուի, այսինքն է արբունքը անցուցած, որ 4 տարեկան տղուն չըսուիր, եւ հռչակուած ատեն գործի գլուխ անցնելու կարող կը նկատուի, որ 10 տարեկանի չի յարմարիր, եւ անհրաժեշտ կը լինի Պապի ծնունդը մինչեւ 352 տանիլ, եւ 16 տարին լրացնելէն ետքը թագաւորած ըսել, որով Ողիմպիադայի զաւակ եղած կ՚ըլլայ. սակայն Փառանձէմ մօրուէն մայրաբար սիրուած ու խնամուած: Արշակ աւելի մեծ զաւակներ ունեցած պիտի ըլլայ ըսինք 118), որով Պապին կայսեր կողմէ նախադասուիլն ալ, մօրենական յոյն արիւն ունենալուն նշանը կ՚ըլլայ: Պատմութեան վերադառնալով, Տերենտիոս Պապը Նէոկեսարիայէ առնելով Հայաստան մտաւ. Ներսէս եւ Մուշեղ, եւ անոնց համախոհ նախարարներ Պապի շուրջը բոլորեցան, եւ պատերազմի ասպարէզ մը բացուեցաւ Հայաստանի մէջ:

144. ԱՐՏԱԳԵՐԻՑ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ

Շապուհ հազիւ թէ իմացաւ, որ Հայեր Յունաց կը դիմեն, եւ անոնց օգնութեամբ նոր թագաւոր կը նստեցնեն, ահեղ զօրութեամբ նոր արշաւանք մը պատրաստեց Հայոց դէմ: Մեհրուժան-Կիւլակէսը իրեն Որմիզդուխտ աղջկան հետ ամուսնացնելով, ի նա հաւատաց զաշխարհս (ԽՈՐ. 223), որ է ըսել թէ զայն մարզպան նշանակեց, իսկ Վահան-Արտաւան ընդհանուր զօրապետի իշխանութեամբ անոր ընկերացաւ: Որմիզդուխտ մըն ալ, Շապուհի քոյր, Վահանի կին տրուած էր (ԲԶՆ. 184), որով երկու ուրացեալներն ալ, թագաւորին փեսայանալով արքայազուն իշխանի աստիճան ստացած էին: Այսուհանդերձ հաւանական չ՚երեւիր, որ Շապուհ այսպէս բացարձակ կերպով բոլոր իշխանութիւնները երկու ուրացեալներու վստահացած ըլլայ, եւ ի դէպ կու գայ ըսել, թէ անոնց պաշտօնակից կամ օգնականներ էին Զիկն ու Կարէնը յիշխանաց անտի իւրոց, զորս Բուզանդ կը յիշէ իբր Հայոց վրայ ղրկուած գունդերուն հրամանատարներ (ԲԶՆ. 174): Պարսից գլխաւոր նպատակն էր Արտագերից բերդը, զոր լատին պատմիչը Արտագերաց անառիկ եւ երկնաբերձ ամրոց կը կոչէ, եւ ուր ապաւինած էր Փառանձէմ թագուհին (ԱՄՄ. 426): Պարսիկներ բերդին շուրջը խիստ պաշարում մը թողլով, Հայաստանի զանազան կողմերը հրոսակ գունդեր սփռեցին, աւրել ու աւարել բոլոր գլխաւոր քաղաքները, եւ գերին ու աւարը Պարսկաստան տանելու համար Նախիջեւան հաւաքել (ԲԶՆ. 178): Յանուանէ կը յիշուին Արտաշատ, Վաղարշապատ, Երուանդաշատ, Զարեհաւան, Զարիշատ, Վան եւ Նախիջեւան քաղաքները, որ Պարսիկ հրոսակներէն գրաւուեցան, բայց ինչ որ հաւանական չ՚երեւիր, այդ քաղաքներէն գերի տարուած Հրեաներուն թիւն է, որ Հայերու հաւասարաչափ հարիւր հազար տնւորի կը հասնի Բուզանդի հաշուով (ԲԶՆ. 177): Այս ալ անոր յատուկ անճշդութեանց եւ դիցաբանութեանց կարգը անցընելու է: Տերենտիոս սպարապետ իր Յոյն բանակով, եւ Հայ նախարարներ իրենց գունդերով, Պապ թագաւոր, Ներսէս հայրապետ, եւ Մուշեղ սպարապետ, պարապ չմնացին այդ միջոցին, որ 14 ամիսներ տեւեց, եւ նոյնչափ ատեն Արտագերից բերդին պաշարուածները կրցան դիմանալ եւ Պարսիկներուն դիմադրել: Դուրսի եղողներն ալ կը յաջողէին ներսիններուն խրախոյս տալ` Պապի անունով եւ յունական զօրաւոր օգնութեանց յուսադրութիւններով (ԲԶՆ. 175): Բայց խոստացուած օգնութիւնները չհասան, եւ պաշարուածներ վերջիվերջոյ ոյժերնին սպառած պարտաւորուեցան անձնատուր ըլլալ, Փառանձէմ ալ միասին: Խորենացին կ՚ըսէ, թէ ոչ անսացին մնալ համբաւոյն Պապայ, այլ անձնատուրք եղեն ի կամաց եւ ոչ ի բռնութենէ (ԽՈՐ. 223), սակայն այդ ձրի մեղադրանք մըն է, 14 ամիս պաշարման տոկացողներուն դէմ: Բուզանդ կ՚ըսէ թէ պաշարուածներ առաջի տիկնոջն Փառանձեմայ ուտէին եւ ըմպէին եւ ուրախ լինէին, անոր համար ի Տեառնէ հասին պատուհասք, եւ վերջին ամսուան մէջ բերդին մէջ եղող 11, 000 այրեր եւ 6, 000 կիներ, ընդհանուր մահով մեռան, եւ միայն Փառանձէմ մնաց երկու նաժիշտներով, որ պարտաւորեալ անձնատուր եղաւ (ԲԶՆ. 176): Նորէն ձախող տեսութենէ թելադրեալ` հակասական եւ իրարու անյարիր եւ անկապակից բացատրութիւններ են, որ իբր պատմական չեն կրնար ընդունուիլ: Ըստ Ամմիանոսի, Պարսիկները, իրենց բոլոր զօրութեամբ եւ գունդերու բազմութեամբ պաշարումը սաստկացուցին, եւ պաշարուածներ զանազան յարձակումներ յաջողութեամբ վանեցին, բայց վերջապէս քիչնալով ու պարտասելով դուռները բացին (ԱՄՄ. 428): Եւ այս, կարծենք, զանազան պատմուածներէն` աւելի բնական եւ աւելի ճշմարտանման ձեւն է: Պաշարեալներուն պաշարին սպառիլն ալ հարկաւ մեծ դեր մը ունեցած է, եւ այս պէտք է ըլլայ Բուզանդի ակնարկածը, թէ վերջին ամսուն մահ անկաւ ի վերայ նոցա (ԲԶՆ. 175), թէպէտ նա կերուխումներ եւ շուայտութիւններ կ՚ենթադրէ: Ժամանակագրական հաշուով Արտագերից բերդին պաշարումը 368-ին սկսած լինելով, անկումը պէտք կ՚ըլլայ 369 տարւոյ երկրորդ կէսին սկիզբները դնել:

145. ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ

Զարմանքի արժանի է Հայոց ընդհանուր դիմադրութիւնը, եւ անհնարին աղէտներու տոկալը, հակառակ որ բաւականաչափ զօրութիւն ալ չունէին, եւ Յոյներէ սպասուած մեծ օգնութիւններն ալ չէին հասնիր. բայց տակաւին Պարսիկներու յանձնուելու ներքին հակառակութիւն կը զգային: Այդ երեւոյթին իսկական բացատրութիւնը պէտք է տեսնել Շապուհի բռնած ընթացքին մէջ, որ լոկ քաղաքական աշխարհակալութեան նպատակով չէր գործեր, այլ Մազդեզական կրօնքի տարածումն ալ կ՚ուզէր ընդարձակել, եւ քրիստոնէից դէմ յայտնապէս հալածանք էր հանած, եւ դիմադրողները անխնայ կը նահատակէր 141): Զամենայն կարգ քրիստոնէութեան ջանայր խափանել, կ՚ըսէ Խորենացին: Եպիսկոպոսները եւ քահանաները ձերբակալել տալով Պարսկաստան կ՚աքսորէր, որ կրօնքի պաշտօնեաներ եւ պաշտպաններ պակսին, յունարէն գիրքերը կը ժողվէր ու կ՚այրէր, յունարէն խօսիլ եւ յունարէնէ թարգմանելը կ՚արգիլէր, եւ Յոյներու հետ ամէն ծանօթութիւն եւ հաղորդակցութիւն չէր ներեր. ոչ այնչափ քաղաքական պատճառով, որչափ ուզելով խափանել զքրիստոնէութեան ուսումն, որովհետեւ յունականաւն վարէին եկեղեցւոյ կարգք (ԽՈՐ. 224): Բուզանդ ալ կը հաստատէ, թէնեղէին զբազում մարդիկ` զոր ի բուռն արկանէին, թողուլ զաստուածպաշտութիւն եւ ի պաշտօն դառնալ Մազդեզեանցն, եւ թէ իբրեւ ոչ մի ոք յանձն առնուին ուրանալ ի քրիստոնէութենէն` չարամահ սպանանէին զամենեսեան (ԲԶՆ. 183): Ասոր հետեւանքն էր որ զամենայն այր ի չափ հասեալ կոխան արարեալ փղաց, կը հրամայէր զամենայն զկին եւ զմանուկ հանել ընդ ցից սայլից, որով հազարք հազարաց եւ բիւրք բիւրոց ճշմարտապէս հաւատոյ նահատակներ կ՚ըլլային (ԲԶՆ. 181): Առանձինն խստութեամբ կը նեղէր Շապուհ զկանայս ազատացն եւ նախարարացն, զորս բերդերու մէջ կը լեցնէր եւ բռնութեանց կ՚ենթարկէր, որպէսզի ուրացութեան հաւանին եւ իր չար կամքին հնազանդին. մերթ ընդ մերթ ալ մերկացնելով ճամբուն երկու կողմերը շարել կու տար, որ մէջտեղէն անցնելով հաւնածը զատէ: Ասով նպատակ ունէր միանգամայն այդ խեղճերուն այրերն ու ծնողքները եւ եղբայրները ստիպել, որ իրենց կիներուն ազատութեան համար ստիպուին իրեն հպատակիլ (ԲԶՆ. 182): Իսկ երբ կը տեսնէր որ իրեն նպատակին չէր հասներ, այդ խեղճերը պայակներու ձեռքով բերդերուն պարիսպներէն մերկանդամ կախել կու տար, մինչեւ որ մեռնին, եւ մարմինները կը թողուէին թռչուններու կերակուր, մինչեւ որ կմախքներն ալ լուծուին ու թափին (ԽՈՐ. 224): Այդ բաները Շապուհ միայն անձամբ չէր ըներ, այլ եւ իրեններուն հրաման տուած էր, նոյնը ընել ուր որ գտնուին, եւ Մեհրուժան յատկապէս, եւ Վահան ալ, փութաջան էին Շապուհին հաճոյ լինելու:

146. ԶՈՒԻԹԱ ԵՒ ՀԱՄԱԶԱՍՊՈՒՀԻ

Նահատակներու բազմութեան մէջէն, միայն երկուքին անունը պահած է մեզի պատմութիւնը: Արտաշատցի Զուիթա քահանան, աշակերտ Ներսէսի (ԲԶՆ. 180), այր բարձր եւ անձնեայ (ԲԶՆ. 179), ուսկից պահ մը պատկառելով ազատ թողած էին, կամովին եւ սիրով հետեւեցաւ գերութեան, ըսելով թէ ոչ է մարթ հովուի թողուլ զխաշն իւր (ԲԶՆ. 177): Ասոր համար զինքն ամբաստանեցին թէ եկած է, զի խրատեսցէ զնոսա պինդ ունել զօրէնս քրիստոնէութեան (ԽՈՐ. 223), ինչ որ իրօք ալ անոր նպատակն էր: Զուիթայի մազին ճերմակ եւ մօրուքին սեւ ըլլալը, կախարդութիւն մեկնուեցաւ (ԲԶՆ. 179), եւ վերջիվերջոյ Շապուհ հրամայեաց չարչարել զԶուիթայ զի թողցէ զհաւատ քրիստոնէութեան (ԽՈՐ. 223), բայց նա անդրդուելի կը մնար, եւ կարկառեալ զպարանոցն վճարէր ի սուսերէն (ԲԶՆ. 181): Միւսն է Համազասպուհի Մամիկոնեան, Վարդանի քոյր եւ Գարեգին Ռշտունիի ամուսին, որ Վանայ բերդին մէջ փակուածներէն էր: Մեհրուժան հրաման տուաւ բերդակալին զի նեղեսցէ զկինն, եթէ ոչ առցէ յանձն զօրէնս Մազդեզանցն, բայց Համազասպուհի ամէն չարչարանքներու տոկաց, եւ ուրացութեան չհաւանեցաւ. անոր համար զինքը մերկացուցին իբրեւ ի մօրէ, եւ արկեալ կապ գոտիցն, գլխիվայր կախեցին Վանայ քարաժայռին վերեւը գտնուող եւ ծովակողմ նայող աշտարակներուն մէկէն: Պատմիչը կը յարէ թէ հետաքրքիրներ սքանչելի կը գտնէին Համազասպուհիի մարմնոյն գեղեցկութիւնն ու սպիտակութիւնը: Մեռնելէն ետքն ալ մարմինը կախուած թողուցին, մինչեւ որ քայքայուեցաւ եւ ոսկորները թափեցան, զորս մի առ մի հաւաքեց նորա դայեակը (ԲԶՆ. 184), եւ տարաւ թաղել Վանայ մօտ եղող Ձորավանքը, որ է այժմեան Սալնապատը, ուր իբր նուիրական կը պահուէին Լուսաւորչի գաւազանն ու գօտին ու մատանին եւ պատարագի սեղանը (ԱՐԾ. 68): Արժան էր ապաքէն որ Զուիթա քահանային եւ Համազասպուհի իշխանուհւոյն եւ Շապուհի հրամանով նահատակուած բիւրաւոր հայ մարտիրոսներուն համար յատուկ տօն կատարուէր, մինչ այժմ միայն առաջինին անունը կը գտնենք յիշատակելոց մէջ Զուատ երէց անունով (ՅԱՍ. Ա. 61):

147. ՓԱՌԱՆՁԵՄԻ ՄԱՀԸ

Հայաստանի մէջ կատարուած եղելութեանց չդարձած, Փառանձէմի մահուան պատմութիւնն ալ կ՚ուզենք լրացնել: Չենք գիտեր թէ ինչու մեր պատմիչները անողոք են տարաբախտ թագուհւոյն յիշատակին, որ բնական եւ բարոյական ձիրքերով օժտուած եւ բոլոր հայ կիներուն վրայ գերազանց նկատուելովն հանդերձ, ոչ Գնէլի հետ ամուսնութեան մէջ իբրեւ իշխանուհի, եւ ոչ Արշակի հետ ամուսնութեան ատեն իբրեւ թագուհի, երջանիկ օր մը չկրցաւ վայելել, թէպէտ երբեք ալ ստորին եւ ցած հոգւոյ նշաններ չցուցուց: Խորենացին կ՚ըսէ թէ ընդ սայլացից հանեալ սատակեցին (ԽՈՐ. 223): Բուզանդ աւելի մանրամասնօրէն կ՚ըսէ, թէ աշխարհաժողով բազմութեան առջեւ եւ հրապարակի մէջտեղ հրապոյրս մեքենայից, այսինքն թակարդ պատրաստելով զայն գետին ձգեցին, եւ ամբոխը վրան արձակեցին ի խառնակութիւն պոռնկութեան անասնական պղծութեանն, եւ կը կնքէ ըսելով, թէ այսպէս սատակեցին զտիկինն զՓառանձէմ (ԲԶՆ. 178): Դժբախտաբար լատին պատմիչը Փառանձէմի գերի իյնալը յիշելէն ետքը (ԱՄՄ. 428), մահուան վրայ բան մը չ՚ըսեր, որ աւելի լոյս մը ունենայինք, ինչու որ ոչ մի կերպով պիտի չհանդուրժէինք սատակեցին բառով որակել Հայ թագուհւոյ մը սպանութիւնը: Բուզանդ կը կարծէ, իբր թէ Շապուհ ուզած ըլլայ թշնամանս առնել ազգին աշխարհին Հայոց (ԲԶՆ. 187), բայց բոլոր երկիրը աւերող եւ աւարող, եւ բոլոր ազգը գերող ու ջարդող Շապուհի պէս մէկու մը աչքին մեծ կշիռ չէր կրնար ունենալ կնոջ մը անպատուութիւնը: Միւս կողմէ նախարարազուն կիներուն վրայ գործածուած բռնութիւնները եւ անձնական հեշտութեանց ծառայեցնելու ստիպումները անհնար էր որ չգործածուէին գեղեցկութեամբը եւ վայելչութեամբը ամենուն գերազանցող թագուհիի մը վրայ, որուն դժուարին պիտի չսեպուէր կամակատար լինել մեծազօր եւ յաղթական թագաւորի մը հաճոյից, ու այս կերպով իրեն փառաւոր դիրք մը կազմել. եթէ իրօք այն վատշուէր եւ դիւրանուէր, փառամոլ եւ սպանիչ, պոռնիկ ու բոզակեաց կինն էր, ինչպէս կ՚ուզէն ենթադրել: Ընդհակառակն նոյնիսկ այն տարօրինակ տանջանքը, որ ըստ Բուզանդայ գործածուած է Փառանձէմի վրայ, ո՞չ ապաքէն հրապուրանաց անսացած եւ Շապուհի հաճոյից խոնարհած չլինելուն` վրիժառու հեգնութիւնը կը հաստատէ: Հարկաւ հաւատոյ ուրացութեան կէտն ալ խառնուած էր պատուոյ ուրացութեան առաջարկին, ինչպէս եղած էր ուրիշներուն, եւ մեր կարծեօք Փառանձէմն ալ պէտք է շարադասել այն նախարարազուն կիներուն հետ, որոնց վրայ արդ եւս խօսեցանք. եւ հետեւապէս` նահատակեցին ըսել Հայոց տիկին Հայազգի Փառանձէմը, եւ ոչ թէ սատակեցին:

148. ՁԻՐԱՒԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Հաւատոյ պաշտպանութեան կէտն էր հարկաւ, որով Ներսէս կը յաջողէր նախարարաց միաբանութիւնը պահպանել, հակառակ ամէն տեսակ նեղութեանց եւ բազմաթիւ տառապանաց: Արտագերից բերդին անկումը եւ Փառանձէմի գերութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործեցին երկու կողմերուն վրայ ալ: Շապուհ սոյն յաղթանակէն խրոխտացած, Հայաստանի գրաւման եւ մազդեզացման գործը լրացնելու կը ջանար, մինչ Հայեր ու Յոյներ վերջին տագնապին մէջ երկիրն ու հաւատքը պաշտպանելու կ՚աշխատէին: Յունաց կողմէն Արինթէոս (ԱՄՄ. 428) կամ Ադդէ (ԽՈՐ. 225) կամ Ադէ (ԲԶՆ. 189)կոմս օգնութեան կը հասնէր Տերենտիոս սպարապետի բանակը զօրացնելու, եւ Հայեր մասնաւոր յաջողութիւններով եւ ձմեռուան վրայ գալով. առժամեայ ու կարճատեւ հանդարտութիւնը կը վայելէին 369 տարւոյ վերջերը եւ 370ի սկիզբները: Երբոր ձմեռը անցաւ, Շապուհ իր բանակը ամբողջացնելով Հայաստանի վրայ քալելու կը պատրաստուէր, ուստի Յոյներն ալ, որ այլեւս յայտնապէս Հայոց պաշտպանութեան եւ Պարսից հետ թշնամութեան սկսած էին, նոր գունդեր ալ յղեցին Հայաստան, Տրայիանոս կոմսի եւ Վատոմար Ալամանի զօրավարութեամբ: Տերենտիոս ստրատելատ եւ Մուշեղ սպարապետ մտածեցին կանխել եւ Պարսիկներուն ճամբան կտրել. ուստի գունդերնին մղեցին մինչեւ Բագրեւանդ, այժմ Ալաշկերտ գաւառը, ըստ լատին պատմիչին Բագաւանդա (Bagavanda) (ԱՄՄ. 462), Բագաւան քաղաքին անունով կամ Բագրեւանդ անունին աղաւաղմամբ: Այնտեղ սպասեցին, Պարսկաստանէ Հայաստան անցնող ռազմագիտական ճամբուն վրայ, եւ պատերազմը խառնուեցաւ Բագաւանի հովիտին միւս ծայրը գտնուող Ձիրաւ, այժմ Տիատին կոչուած ընդարձակ դաշտին մէջ (ԽՈՐ. 225): Պատերազմին նկարագիրը տալ մեր նիւթէն դուրս է, թէպէտ շատ հետաքրքրական պարագաներով կարեւոր եւ պատմական ճակատամարտ մը եղած է: Բանակներուն զօրութեան եւ զօրավարներուն ճարտարութեան յարակից եղած է Ներսէսի աղօթքը, որ Նպատի, այժմեան Իւչքիլիսէի վանքին վերեւը բարձրացող լերան գագաթին վրայ` զօրավարներուն զէնքերը օրհնելէն ետքը (ԲԶՆ. 199), բազկատարած աղօթքով կ՚օժանդակէր հոգեւորապէս, ձեռքերը անխոնարհելի պահելով ի խնդրուածս, հանգոյն նախամարգարէին Մովսէսի (ԽՈՐ. 226) մինչեւ որ լրացաւ նոր Ամաղէկի դէմ յաղթութիւնը: Ասոր կ՚ակնարկէ Երզնկացւոյն շարականը, մարտակից զինուորական դասու կոչելով հայրապետը (ՇԱՐ. 417): Ներսէսի մօտ կը մնար Նպատի գլուխը` Պապ թագաւորն ալ, որուն Տերենտիոս չէր ներած ճակատամարտին խառնուիլ, որպէսզի վտանգի մը չհանդիպի (ԲԶՆ. 197): Ձիրաւի յաղթանակէն ետքը Հայոց եւ Յունաց նիզակակից բանակը` նոր յաղթութիւն մըն ալ տարաւ Ատրպատականի Գանձակ քաղաքին մօտ (ԲԶՆ. 204) եւ այսպէս պահ մը կ՚ազատէր Հայաստան Պարսիկներու արշաւանքներէն:

149. ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ՈՒ ՎԱՀԱՆ

Խորենացի այդ պատերազմին հետ կը կապէ ուրացեալ Մեհրուժանի մահը, թատերական կերպարան մըն ալ տալով եղելութեան: Կը պատմէ թէ Ձիրաւի օրը Մեհրուժան` ձիոյն վիրաւորուելովը չկրցաւ փախչիլ, եւ Կոգովիտ, այժմ Պայազիտ գաւառի մէջ, շամբին մօտ ձերբակալուեցաւ Սմբատ Բագրատունիէ, որ չուզեց զայն բանակ բերել, կասկածելով Ներսէսի գթութենէն: Այլ նոյն տեղը միս խորովողներուն ձեռքէն շամփուր մը խլեց, ատրաշէկ դարձուց, եւ բոլորելով Մեհրուժանի գլուխը անցուց, ըսելով թէ իբրեւ թագակիր ասպետ, զինքը Հայոց թագաւոր կը պսակէ, եւ այնպէս սատակեցաւ չարն (ԽՈՐ. 227): Իսկ Վահանի մահուան մասին յիշատակութիւն չունի: Բուզանդ Վահանի համար կ՚ըսէ, թէ իր իսկ Սամուէլ որդին սպաննեց Վահանը ու անոր Որմիզդուխտ կինը, եւ ինքն ալ Խաղտեաց լեռները փախաւ (ԲԶՆ. 184): Իսկ Մեհրուժանի կեանքը կ՚երկարէ իբր 10 տարի եւս, եւ Մանուէլ Մամիկոնեանի եւ Բաբիկ Սիւնիի ձեռօք սպաննուած կ՚ըսէ ուրիշ պատերազմի մէջ (ԲԶՆ. 261): Ամմիանոս ընդհակառակն շատ կանուխ սպաննուած գիտէ Կիւլակէսն ու Արտաւանը, զորս արդէն Մեհրուժանի ու Վահանի հետ նոյնացուցինք 140): Նորա պատմութեան համեմատ, այս երկուքը Արտագերից պաշարման ատեն բանակցութեան համար բերդը մտան, Փառանձէմը խաբէութեամբ ձեռք ձգելու համար, բայց լսելով թագուհւոյն ողբն ու վիշտը եւ ազգային վտանգին մասին խօսածները, իրենք վաստկուեցան Պարսից կողմը թողուլ եւ Հայոց դատը պաշտպանել: Ուստի բերդէն ելլելէն ետքը հնարքով մը պաշարող Պարսիկները ջարդել տուին, եւ իրենք գացին Պապին հետ միացան, եւ հինգ ամիս ալ անոր հետ յաջողութեամբ պատերազմեցան Խաղտեաց լեռներուն մէջ: Շապուհ նեղի մտած նենգութեան դիմեց, եւ քսուներու ձեռօք այնչափ պղտորեց Պապի միտքը, որ վերջապէս երկուքն ալ սպաննել տալով, գլուխները Շապուհի ղրկեց (ԱՄՄ. 426-428): Այսուհանդերձ իդէպ է մտածել, թէ Պապ Շապուհի շատ վրայ իյնալէն կասկածելով, եւ անոնք իրեն մօտ անոր լրտեսները կարծելով, ուզեց սպաննել, եւ գլուխներն ալ Շապուհի ղրկեց` իբր լռելեայն յանդիմանութիւն: Որն եւ ըլլայ այդ սպանութեան նպատակը, դժուար է բոլորովին ներքին մի պարագայի վրայ արտաքին վկայութիւնը նախադասել, որովհետեւ մեր պատմագիրներուն մէջ Մեհրուժանի եւ Վահանի դարձի եկած ըլլալուն բնաւ նշանը չկայ: Ամմիանոս ալ Կիւլակէսի եւ Արտաւանի սպանութիւնը կրկին անգամ յիշած ատենը, որպէս լուաք վերապահութիւնը կ՚աւելցնէ (ԱՄՄ. 497): Նմանօրինակ պարագայ մը ունինք Բուզանդէ պատմուած Հայր Մարդպետի վրայ, որ Փառանձէմի Արտագերից մէջ գտնուած ատեն, եմուտ գաղտ ի ներս ի բերդն եւ թշնամանեաց զտիկինն մեծապէս (ԲԶՆ. 176). եւ այս պատճառով Պապ թագաւոր երկրին խաղաղելէն ետքը Մուշեղ Մամիկոնեանի յանձնեց զայն չարամահ սպաննել: Մուշեղ ալ զայն ձերբակալեց Մշոյ Ողական բերդը, եւ մերկացնելով ու ոտք եւ ձեռք կապելով, Եփրատի սառոյցին վրայ թողուց մինչեւ որ մեռնի (ԲԶՆ. 195): Դղակ Մարդպետ ալ, որ Հայր Մարդպետի տեղն անցած, եւ Պարսիկ սահմանագլուխին կողմնակալ նշանակուած էր, գաղտնի Շապուհին կողմը շահուած, եւ Պապի դէմ դաւաճանութիւն պատրաստելու սկսած էր, ուստի պատուաւոր կերպով թագաւորին մօտ հրաւիրուեցաւ, եւ այնտեղ պալատին նրբանցքներուն մէջ սպանուեցաւ (ԲԶՆ. 209): Հայրի եւ Դղակի դէպքերը յիշեցինք, որովհետեւ ոմանք ուզեցին այդ երկուքը նոյնացնել Կիւլակէսի եւ Արտաւանի հետ (ԳԱԹ. Բ. 504), բայց մենք այդ նմանութիւնը նախադասելի չենք տեսներ:

150. ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑԸ

Ներսէսի կեանքին մէջ նոր շրջանը կը բացուի Ձիրաւի պատերազմէն ետքը, վասնզի յայնմհետէ խաղաղեցաւ երկիրն ընդ ձեռամբ Պապայ նուաճեալ (ԽՈՐ. 227): Մուշեղ սպարապետի համար կը պատմուի, թէ իբր յաղթական Հայաստանի զանազան կողմերը պտըտեցաւ, որպէսզի բերդերու եւ քաղաքներու մէջ մնացած Պարսիկները ցրուէ ու վռնտէ եւ երկիրը ազատէ, միանգամայն սահմանագլուխներու պաշտպանութիւնը կարգադրեց, նոր վտանգներու տեղի չտալու համար (ԲԶՆ. 192): Կը յիշուի նաեւ, թէ իր հօր Վասակին մորթազերծ սպանութեան եւ այնչափ բիւրաւոր Հայերու խուժդուժ կոտորածին վրէժը լուծելու համար, ձեռք ինկած գլխաւոր Պարսիկներէն ոմանց վրայ նմանօրինակ խստութիւններ ալ կը կատարէր, մորթելու եւ մորթազերծ ընելու ու այրելու հրամաններ տալով (ԲԶՆ. 192-193): Ասոնք սիրտը այրած մարդու մը բուռն կիրքերու հետեւանքներն էին, բայց Մուշէղ մեծանձնութեան գործեր ալ ընելէ հեռու չէր, ինչպէս Շապուհի կանանոցէն ձեռք ինկած կիները, ողջս եւ անարատս Շապուհին դարձնելը (ԲԶՆ. 194): Ներսէս որ Բիւզանդիոնի պատգամաւորութենէն դառնալէն ի վեր քաղաքական եւ պատերազմական շփոթութիւններէն շունչ առած չէր, սկսաւ բարեկարգութեան հոգերով զբաղելու, եւ նորէն ձեռք զարկաւ իր հայրապետական առաջին շրջանին աշխատութեանց: Մէկ կողմէն կը ջանար աւերածները նորոգել եւ կործանուածները կանգնել, եկեղեցականաց դասակարգութիւնները կանոնաւորել, բարեգործական հաստատութիւնները կարգաւորել, խրատներ եւ յորդորներ առատացնել, եւ գրեթէ առաջին ժամանակները վերակենդանացնել (ԲԶՆ. 192): Միւս կողմէն հոգ կը տանէր, որ թագաւորին ու նախարարներուն մէջ համաձայնութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի, թագաւորը հայրաբար խնամով առնախարարսն վարուի, եւ նախարարներն յանձն առնուն ծառայել միամտութեամբ, եւ մի' եւս յաւելցեն վտարանջել, որպէսզի նորէն երկպառակութեամբ երկրին վնասակար չըլլան (ԽՈՐ. 227): Այս կերպով Ներսէսի կեանքին վերջին շրջանը առաջին շրջանին վերյիշումը սկսաւ ըլլալ:

151. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒՆ ԹՈՒՂԹԸ

Անցողակի յառաջ բերենք այստեղ արտաքիններէն պահուած յիշատակ մը: Բարսեղ Կեսարացւոյն գործերուն մէջ կայ, 92 թուով նշանակուած թուղթ մը, Իտալիոյ եւ Գաղղիոյ եպիսկոպոսներուն ուղղուած, որպէսզի Արիանոսաց զօրանալուն դէմ աշխատին եւ Արեւելքի եպիսկոպոսներուն օգնեն: Այդ թուղթին գրողներն են 32 եպիսկոպոսներ, որոնց անունները միայն կան առանց իրենց վիճակներուն յիշատակութեան. բայց կ՚ենթադրուի թէ ժամանակին նշանաւորագոյն եպիսկոպոսներն են: Այսպէս առաջին յիշուած Մելիտոս եւ Եւսեբիոս եւ Բասիլիոս անունները կը նոյնացուին Անտիոքայ եւ Սամոսատայ եւ Կեսարիոյ հայրապետներուն հետ, անոնցմէ ետքը յիշուած են Գրիգոր եւ Անթիմոս եւ Եւստաթէոս, որք կը նոյնացուին Նազիանզու եւ Թիանիոյ եւ Սեբաստիոյ եպիսկոպոսաց հետ, նոյնպէս ալ 29-րդ յիշուած Ներսէս անունը շատեր կը նոյնացնեն Ներսէս հայրապետին հետ (ԿԷՐ. Բ. 1168): Նամակին մէջ ըսուած չէ թէ ժողովական գործ է, բայց 372-ին Կեսարիոյ մէջ գաւառական ժողով մը եղած է Յունիս ամսոյն (ՊԷԼ. Ա. 459), եւ Բարսեղ ալ 370-ին յաջորդած է Եւսեբիոսի, եւ 372 թուականը կը վերագրուի սովորաբար վերոյիշեալ նամակին: Հայաստան այս միջոցին պատերազմներէ զերծ էր, եւ Ներսէսի անհնար չէր հաւատոյ խնդիրի համար Կեսարիա երթալ: Միայն թէ այսպիսի ուղեւորութեան մը յիշատակը բնաւ չկայ մեր պատմագիրներուն մէջ, եւ այս լռութիւնը եւ Ներսէսի անունին շատ վերջ թողուած լինելը, կը թելադրեն կարծել, թէ յիշուած Ներսէսը` Հայոց հայրապետը չէ, այլ ուրիշ համանուն մը Փոքր Հայոց վիճակներէն: Իսկ եթէ Ներսէս անունը անսովոր երեւի Փոքր Հայոց եպիսկոպոսներուն մէջ, մարթ է ըսել թէ յիշեալ նամակը ժողովով գրուած չէ, այլ հետզհետէ ստորագրուած է ձայնակցող եպիսկոպոսներէ: Մանաւանդ որ անուններուն մէջ կը գտնուին նաեւ Խոսրով եւ Մարիս անուններն ալ, որ բուն արեւելեան են, ինչպէս նաեւ Աբրահամ եւ Իսահակ անուններ, որք աւելի Արեւելքի մէջ գործածական են: Անուններուն կարգը զննելով ալ կը տեսնենք որ երիցութեան կամ նուիրապետութեան կարգ պահուած չէ, որ Ներսէսի անունին վերջերը մնալը խնդրոյ նիւթ ըլլայ: Ամէն առթի մէջ քանի որ ստորագրողներուն վիճակները յիշուած չեն, դժուար կը լինի այդ մասին ստոյգ եւ ապահով տեսութիւն մը կազմել: Բայց նախադասելի կ՚երեւի կարծել, թէ առանց ժողովական գումարման նպատակին ձայնակցող գլխաւոր աթոռներու անունին խմբագրուած թուղթ մըն է:

152. ՊԱՊԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Պատմական եղելութեանց շարայարութեան դառնալով, աչքի զարնելու կէտ մըն է Պապ թագաւորին ընթացքը: Արշակի թագաւորելը 351-ին տեղի ունեցած, եւ Պապն ալ անոր թագաւորելէն ետքը ծնած լինելով, 368-ին թագաւորած ատեն 16 տարեկանէ վեր եղած չի կրնար ըլլալ, որ անփորձ եւ անչափահաս երիտասարդութեան տարիքը եւ զգացումները կը հաստատէ: Կրթութեան կողմանէ ալ մեծ խնամք չկրցաւ ունենալ, ոչ միայն իր մանկութեան ատեն Արշակի արքունիքին մէջ տիրող անկարգութեանց համար, այլեւ հազիւ 12 տարեկան պատանդ տարուած, եւ Նէոկեսարիոյ մէջ բիւզանդական պալատականներու ձեռք մնացած ըլլալով, եւ ամէն պատանեկան թերութեանց ազատ ասպարէզ գտնելով: Այսուհանդերձ բոլորովին արտասովոր պարագայից մէջ իշխանութեան անցնելով, եւ յանկարծ ահաւոր վտանգներու ներքեւ գտնուելով, պահ մը չփոթեցաւ եւ սարսափեցաւ, եւ պարտաւորուեցաւ գործի գլուխ գտնուողներուն, Ներսէս հայրապետին, Մուշեղ սպարապետին եւ Տերենտիոս ստրատելատին ձեռքին ներքեւ մնալ, անոնց ըսածին համեմատ վարուիլ, եւ կանոնաւոր ընթացք ցուցնել: Երկրին խաղաղելէն ետքն ալ դարձեալ յիշեալներուն խրատով, արդարութեան գործերու ձեռնարկեց, նախարարացն դարձոյց ըզզրկանս, եւ յոյժ անընչասիրաբար ցուցանէր զիւր ախորժակսն, որով կրցաւ աւելի աղէկ յուսադրութիւններ ազդել իր վրայ: Այլ շուտով երեւան ելան մոլի երիտասարդի անսանձ կիրքերը: Ամօթալի ախտիւ զազրագործ էր, կը գրէ Խորենացի (ԽՈՐ. 228), եւ Բուզանդ ալ արուագիտութեան, իգացութեան եւ անասնամոլութեան ախտերը կը յիշէ (ԲԶՆ. 220), որք խենէչ եւ ցոփակեաց երիտասարդի մը նկարագիրը կը յայտնեն, իսկ բռնութեանց, անիրաւութեանց, սպանութեանց, եւ կեղեքմանց յիշատակութիւն չկայ մեր պատմագիրներուն մէջ: Թէպէտ լատին պատմագիրը կը յիշէ թէ Տերենտիոս Վաղէսի գրելով, Պապը կամ Պարան կ՚ամբաստանէր իբր մեծամիտ խորհուրդներով հպարտացած, եւ հպատակներու հանդէպ անագորոյն մէկ մը, սակայն նոյնինքն կը դիտէ միանգամայն, թէ Տերենտիոս քսութիւններ հնարելու խիստ վարպետ մէկն էր (ԱՄՄ. 497): Պապին նորածին տղայ եղած ատեն Փառանձէմի կողմէ դեւերու ձօնուած ըլլալը, դեւերուն ալ անոր վրայ տիրապետելը, օձերու կերպարանով զայն շրջապատելը, եւ ծոցին մէջ եւ ուսերուն վրայ օձակերպ դեւերուն վխտալը, զորս Բուզանդ կը պատմէ (ԲԶՆ. 221), այնպիսի առասպելներ են, որ նկատի առնուելու իսկ արժանի չեն: Ամէն առթի մէջ հնար չէր որ Ներսէս անտարբեր մնար երիտասարդ թագաւորին անվայել ընթացքին հանդէպ, ուստի խրատներ եւ յորդորներ սպառելէն ետքըկշտամբեալ յանդիմանէր, եւ մինչեւ իսկ եկեղեցական միջոցներու կը ձեռնարկէր, արգիլելով անոր զսեամս եկեղեցւոյն կոխել, եւ ոչ մտանել նմա ի ներքս (ԲԶՆ. 220): Ասկէ յառաջ եկած պաղութիւնը հետզհետէ աճեցաւ, Պապ ընդ ակամբ հայէր, խորհելով չարիս հասցնել Ներսէսի (ԽՈՐ. 228), մինչեւ իսկ կասկած ծագեցաւ թէ ոխացեալ էր ընդ նմա, եւ խնդրէր սպանանել զնա, սակայն չէր համարձակեր, վասնզի Ներսէս ամենուն կողմէ յարգ կը վայելէր, եւ սիրէին զնա առհասարակ մեծամեծք եւ փոքունք, պատուականք եւ անարգք, ազատք եւ շինականք միանգամայն, մինչեւ իսկ Պապ կը վախնար որ իւր զօրքն սպանանէին զնա, եթէ Ներսէսի կեանքին դաւաճանէր (ԲԶՆ. 221):

153. ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ

Պատմութեան կարգը կը հասցնէ մեզ Ներսէսի մահուան վրայ խօսելու, եւ որովհետեւ մեր պատմիչներուն ըսածը դիտողութեանց կարօտ կը գտնենք, նախապէս անոնց գրածները քաղենք: Խորենացին իր սովորական ոճով, երկու խօսքով կը վերջացնէ մահուան պատմութիւնը, թէ Պապ դեղ մահու գաղտնի արբուցեալ սրբոյն Ներսիսի ելոյծ ի կենացաղոյս (ԽՈՐ. 228): Բուզանդ ընդարձակ պարագաներով կը ճոխացնէ պատմութիւնը: Պապ կեղծաւորելով իբրեւ այն եթէ յուղղութիւն ինչ եկեալ է, Ներսէսը հացկերոյթի կը հրաւիրէ, Եկեղեաց գաւառի Խախ արքունի աւանին մէջ, որուն աւերակները դեռ կ՚երեւին Ռումսէրայի կոչուած տեղը: Ներսէսը թագաւորական գահը կը նստեցնէ, եւ յոտն կացեալ հոլանեալ իր ձեռքով կը մատուցանէ գինիի բաժակը, որուն թոյն խառնած էր: Ներսէս կ՚իմանայ թէ բաժակը թունալից է, եղելութիւնը թագաւորին երեսին կու տայ, բայց կը խմէ: Սեղանէն վերջը իր օթեւանը կ՚երթայ, Մուշեղ սպարապետ, Հայր Մարդպետ եւ մեծամեծ նախարարներ մէկտեղ կ՚երթան: Հոն Ներսէս կուրծքը բանալով սիրտին վրայ նկանակի չափ կապուտցած տեղը կը ցուցնէ: Մեծամեծներ իրեն թիւրակէս եւ անդեղեայս կը մատուցանեն, բայց Ներսէս չ՚ուզեր առնել որ մեռնի, եւ ներկաներուն խրատներ կը խօսի: Անկէ ետքը երկու ժամ գունտ գունտ արիւն կը փսխէ, վերջէն աղօթք մը կ՚ընէ եւ հոգին կ՚աւանդէ: Փաւստոս եպիսկոպոս, Տրդատ եկեղեցական, Մուշեղ սպարապետ, Հայր Մարդպետ եւ ամենայն ազատագունդ բանակն արքունի` մարմինը Խախէ Թիլ աւանը կը տանին, Պապն ալ կը հետեւի եւ իր ձեռօք կը պատէ եւ կը թաղէ իչքմեղս լինելով, իբրեւ թէ իւր չիցէ գործեալ զայն (ԲԶՆ. 222): Կենսագիրը աւելի եւս կ՚ընդարձակէ նոյն պատմութիւնը, Ներսէսի բերանը ընդարձակ խօսակցութիւններ դնելով: Թունաւորուած Ներսէսի մօտ եղողներուն վրայ կ՚աւելցնէ Բակուր Վրաց, Բագարատ Բագրատունեաց, Հայկակ Հայկազնի, եւ Համամ Մելիտինոյ իշխանները, եւ Մաշթոց-Մեսրոպ վարդապետը: Շատ երկար եւ գուշակական ատենաբանութիւն մը յառաջ կը բերէ իբրեւ հոգեւարք Ներսէսէ խօսուած, ուր տեսիլքի ձեւով կը պատմուին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ապագայ դիպուածներ, Խաչակիրներու ժամանակին պատկանող եղելութիւններ վերջին դարերու բառերով, Նեռին գալուստը, աշխարհի վերջը, եւ յետին դատաստանը (ՍՈՓ. Զ. 89-104): Ներսէս առանձինն եւ յատկապէս կ՚օրհնէ Մամիկոնեանց տունը, անկէ եկեղեցի կ՚իջնէ, քահանայաթաղի ողջոյնները եւ հրաժարիմները եւ հանգստեան կտորները կ՚արտասանէ, քահանայապետական աթոռը կը բազմի, այնտեղ ալ երկար մաղթանք մը կը խօսի (ՍՈՓ. Զ. 108-112), եւ հոգին կ՚աւանդէ հանդարտութեամբ, այնպէս որ եկեղեցիին մէջ եղող ժողովուրդը նախ չ՚իմանար, եւ երբ անոր լռելէն կը սթափի, ողբեր կը բարձրացնէ, եւ վերջապէս թագաւոր եւ նախարարք կը թաղեն մարմինը Թիլ աւանի մէջ, ուր քառասուն օր լուսեղէն սիւն մը կը տեսնուի տապանին վրայ (ՍՈՓ. Զ. 115): Միեւնոյն պատմութիւնը աւելի ամփոփ կերպով յառաջ բերուած է ուրիշ կենսագիրէ մըն ալ (ՍՈՓ. Է. 20-25):

154. ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր պարագաներ կը տեսնուին: Նախ որ բռնութիւնք եւ սպանութիւնք օտար էին Պապի բնաւորութենէն, եւ արդէն ալ վատասերած եւ կնամարդի եւ խենէշ անձերու բնական չեն այսպիսի խժդժութիւնք, եւ ինչ որ ուրիշի վրայ չէր ըրած, հայրապետի վրայ ընելու համարձակութիւն չէր ունենար: Պապ քանի տարիներէ ի վեր վարժուած էր Ներսէսէ հեռու ապրիլ, ու անոր խօսքերը անարգել. Ներսէսի ըլլալը կամ չըլլալը իրեն համար անտարբեր պէտք էր ըլլար: Ասոնցմէ աւելի դիտելու արժանի է, որ եթէ Ներսէս բաժակին թունալից ըլլալը իմացաւ ու նորէն խմեց, եւ եթէ թոյնը թափելու համար տրուած դեղերը մերժեց ու չառաւ, ոչ թէ Պապը մարդասպան, այլ յաւէտ Ներսէսը անձնասպան պէտք կ՚ըլլար ըսել: Պապին շուրջը գտնուող աւագանին ալ եւ Ներսէսի հաւատարիմ աշակերտներն ալ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ բաժակին թունաւոր ըլլալը կը լսեն եւ խմելը չեն արգիլեր, եւ խաղաղ հոգւով թունաւորուած հայրապետը իրեն օթեւանը կը տանին եւ ժամերով անոր քարոզներն ու աղօթքները կը լսեն, եւ մահը արգիլելու փոյթ չեն ցուցներ: Ասոնք այնպիսի դիտողութիւններ են, որ թունաւորման պատմական ստուգութիւնը կը ջնջեն: Մեր կարծիքով շատ աւելի ուղիղ կերպով կը մեկնուին յիշուած պարագաները, եթէ ըսենք թէ Ներսէս սիրտի կամ թոքերու անբուժելի ախտով հիւանդ էր, ինչ որ իր գործելու ոճէն եւ թափէն ալ կը մակաբերուի: Խախի հացկերոյթը իր յոգնութիւններով, եւ թերեւս յուզումներով ալ պատճառ եղաւ վերջնական թափի, կամ ինչպէս կ՚ըսէն նոպայի մը, եւ յանկարծական տագնապը թունաւորման վերագրուեցաւ, ինչպէս մեր օրերն իսկ այդ կասկածը կը ծագի ամէն անակնկալ դիպուածի մը առթիւ: Ներսէս գիտցաւ զայն, եւ իր վերահաս մահը գուշակեց, աննպատակ եւ աննշանակ դարմանները մերժեց, վասնզի անտեղի եւ անօգուտ ըլլալնին գիտէր, կուրծքին վրայի կապոյտ բիծն ալ, արիւն փսխելուն պարագան ալ, ախտի նշաններ են, եւ ոչ թէ թոյնի: Կրնանք ապաքէն չարագուշակ համարիլ Խախի հացկերոյթը, այլ ոչ դաւաճան, որով ոչ Պապը մարդասպան ըսել պէտք կ՚ունենանք, եւ ոչ Ներսէսը անձնասպան կարծել անխորհուրդ պատմութիւններով:

155. ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին, որովհետեւ 374-ին տեղի ունեցաւ Պապին սպանութիւնը, շատ մը եղելութիւններէ ետքը, իսկ իբր ամսաթիւ նշանակուած է հրոտից ամիսը եւ Հինգշաբթի օր (ՍՈՓ. Զ. 112), եւ շարժական տոմարի հաշուով Հինգշաբթի կը հանդիպին հրոտից 5, 12, 19, 26 օրերը: Աւգերեան ճառընտիրէ մը առնելով հրոտից 5-ին կը դնէ Ներսէսի մահը (ՎՐՔ. Գ. 393), եւ այս յարմարութիւնը իբր ստուգութիւն կ՚ընդունինք նշանակեալ թուականին, որ 373-ին կը համապատասխանէ Յուլիս 25-ին: Հետեւաբար պէտք չենք զգար փնտռել թէ ինչո՞ւ ուրիշ մը նաւասարդի 30 է յիշած, եւ ինչո՞ւ հին ճաշոցը տրէի 11-ին է նշանակած տօնը: Ներսէսի մարմինը արքունական շքեղութեամբ, եւ թագաւորին եւ նախարարաց բազմութեան եւ եկեղեցական դասակարգութեանց ընկերակցութեամբ թաղուեցաւ Թիլ աւանը, Արիստակէսի գերեզմանին մօտ, ուր կանուխէն թաղուած էր Սանդուխտը, Ներսէսի վաղամեռիկ ամուսինը 116), եւ այս էր հարկաւ Թորդանի մեծ դամբարանը չտարուելուն պատճառը: Արիստակէսն ու Ներսէսը անուննին տուած են Երզնկայի Ջուխտակ-Հայրապետ վանքին 86): Թիլայ կաթողիկէն կործանեցաւ Է. դարու աւերածներուն ժամանակ, եւ Ներսէսի գերեզմանը անյայտացաւ, մինչեւ որ 1275-ին ատենները (ՍՈՓ. Է. 44) յայտնուեցաւ Պատուական սարկաւագի (ՍՈՓ. Է. 46), եւ ոսկորները Սարգիս արքեպիսկոպոսի ձեռօք քաղաք փոխադրուեցան, մէկ մասը դրուեցաւ Երզնկայի եկեղեցին, եւ մէկ մասը Տիրաշէնի վանքը (ՍՈՓ. Է. 64), որ Ս. Ներսէսի անունը կը կրէ, եւ կը գտնուի Երզնկայի Քի գիւղին մօտ: Յովհաննէս վարդապետ Երզնկացի փառաւորած է Ներսէսի յիշատակը յատուկ շարականներով (ՇԱՐ. 3) եւ նոյնը կ՚երեւի նորա նշխարաց գիւտին պատմիչն ալ: Ներսէսի յիշատակը տօնելի է Լուսաւորչի որդիներէն եւ թոռներէն զատաբար: Ներսէսի գործունէութիւնը եւ արդիւնքները արժանացուցած են զայն Մեծ անուանակոչման, որով կը ճանչցուի պատմութեան մէջ: Իր գլխաւոր արժանիքը կը կազմեն, եկեղեցական եւ բարոյական եւ քաղաքական կեանքի բարեկարգիչ ըլլալը, եւ Լուսաւորչէն ետքը երկրին կենցաղական կերպարանքը փոխելը, որով ինչպէս ըսինք 121), Լուսաւորիչ սրտից կոչուելու արժանացաւ: Մահուան ատեն նա 45 տարեկանէ մեծ եղած չէ, եւ եթէ այդ տարիքին մէջ ընդարձակ գործունէութիւն կրցաւ ունենալ, զարմանալի չէ, որովհետեւ շատ կանուխէն, 25 տարեկան աթոռ բարձրացաւ, եւ 20 տարի հայրապետութեանց միջոց ունեցաւ: Մեր օրերն ալ անոր նմանութիւնը ունեցանք Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի վրայ, որ 47 տարեկան վախճանեցաւ հիւծիչ ախտով մը, երկարատեւ գործունէութեան համբաւ ձգելով, վասնզի 25 տարեկան եպիսկոպոս ձեռնադրուած ու անկէ ալ առաջ գործի գլուխ անցած էր:

156. ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ եպիսկոպոսի յիշատակը տօնելի է հայրապետին հետ, թէպէտ պատմիչներու մէջ անոր վախճանին մասին որոշ յիշատակ չենք գտներ: Վերջին անգամ յիշուեցաւ երբոր Ապահունի նախարարազուններ, իր աղջկան տագրներ, զինքն ազատեցին Արշակի հրամայած քարկոծումէն (ԽՈՐ. 220): Անկէ ետքը գործի մէջ յիշուած չէ: Պապ թագաւորի օրով ալ տակաւին կենդանի եղած պիտի ըլլայ, եթէ կարեւորութիւն տանք Բուզանդի գրածին, թէ ինչպէս Ներսէսէ, նոյնպէս ալ Խադէ կը պատկառէին Պապի վրայ վխտացող օձերը, եւ չերեւեալ աներեւոյթ լինէին (ԲԶՆ. 220): Յայսմաւուրքը կը գրէ թէ Խադ քարկոծմամբ կատարեցաւ, վերոյիշեալ պարագային (ՅԱՍ. Ա. 88), սակայն այն առթիւ ազատուած լինելը յայտնի է, որով ստոյգ տեղեկութիւն մը չի մնար Խադի մահուան վրայ, բայց կ՚երեւի թէ Ներսէսէ առաջ վախճանած է սրբութեամբ: Ներսէսի ժամանակակիցներէն յիշեցինք արդէն Զուիթա քահանային նահատակութիւնը, որ յիշատակելի ալ է 145), եւ նոյնպէս յիշատակելի են Շաղիտա եւ Եպիփան ճգնաւորները (ՅԱՍ. Ա. 61), զորս Ներսէս վերակացու նշանակած էր կրօնաւորներու վրայ 123): Այս երկուքը զատ զատ տեղեր գտնուած ատեննին, տեսիլքով իմացած էին Ներսէսի մահը, որ հրեշտակներէ շրջապատուած երկինք կը բարձրանար, եւ անձամբ Թիլ գալով ստուգեցին տեսիլքին նշանակութիւնը (ԲԶՆ. 224): Երկուքն ալ նախապէս Դանիէլ Ասորիի աշակերտած էին, եւ յետոյ շարունակեցին իրենց հսկողութեան պաշտօնը Ներսէսի կենդանութեան, եւ միայն նորա մահուընէ ետքը անապատական կեանքի ձեռնարկեցին, Շաղիտա` Կորդուաց, եւ Եպիփան` Ծոփաց լեռները, ուր ամայի միայնութեան մէջ գազաններու հետ ընտելացած եւ ընտանեցած կը ներկայացուին: Շաղիտայի նախընթացին համար կ՚ըսուի թէ Ասորի էր Ամիդ քաղաքէ եւ ուրիշ տեղեկութիւն չի տրուիր, բայց եթէ Կորդուաց գետին մէջ ընկղմելով մեռած ըլլալը, որ պէտք է ըլլայ Տիգրիս գետը (ԲԶՆ. 225): Եպիփանի համար կ՚ըսուի, թէ Յոյն էր ազգաւ, եւ հարկաւ սա նոյնը չէ առաջին Եպիփանի հետ, որ Զենոբ Գլակին օգնական տրուեցաւ իբրեւ հայր վանաց Ս. Կարապետի (ԶԵՆ. 37), եւ որ 30 տարի սոյն պաշտօնը վարեց Զենոբի յաջորդելով (ՄԱՄ. 7), Զենոբի 20 եւ Եպիփանի 30 տարի տալով, վերջնոյս կեանքը 352-ին աւարտած կ՚ըլլայ` Ներսէսի ընտրութենէն ալ առաջ, եւ Ներսէսի ժամանակ Ս. Կարապետի վանահայր եղած կ՚իյնայ Եպիփանի յաջորդ Ստեփանոսը (ՄԱՄ. 7): Երկրորդ Եպիփանի ճգնութեան տեղ նշանակուած Մամբրէ լեռը, եւ Մամուշեղ գետը (ԲԶՆ. 227) անծանօթ տեղեր են, եթէ աղաւաղուած անուններ չեն, անիմանալի կը մնան եւս մեծ ծովը, եւ անկէ անդին անապատ կղզին, ուր Եպիփան վերջնապէս քաշուած եւ վախճանած կ՚ըսուի (ԲԶՆ. 228), եթէ Վանայ լիճին եւ անոր կղզիներէն մէկուն չպատշաճեցնենք: Ներսէսի նշանակած վերատեսուչներէն Գինդ Սլկունիի համար կ՚ըսուի թէ մինչեւ վերջ մնաց գլուխ աբեղայից, եւ վարդապետ միանձանց, եւ առաջնորդ մենակեցաց, եւ վերակացու վաներայից եւ ուսուցիչ անապատաւորաց (ԲԶՆ. 280), եւ թէ Հայաստանի ամէն կողմերը լեցուց վանականներու բազմութեամբ, որք ոչ միայն ժողովուրդին կը քարոզէին, այլ եւ հեթանոսներ կը դարձնէին(ԲԶՆ. 281), եւ ինքն Գինդ` Հայոց մէջ ընդհանրապէս վարդապետ անունով ճանչցուած էր (ԲԶՆ. 280): Գինդ վերջի ատեններ իրեն յատուկ ճգնարան ընտրած էր, Ծաղկէոյ լեռները, ուր են ակունք Եփրատայ, եւ ուր նախապէս ճգնած էին Ոսկեան նահատակները 23): Գինդ Սլկունին, իբր բուն հայազգի եւ իբր հայ վանականութեան նախահայր արժանի էր տօնելի, գոնէ յիշատակելի ըլլալու, սակայն անոր անունը Յայսմաւուրքի իսկ անցած չէ: Պէտք է ըսել թէ մերազնեայց համար շատ հին է օտարներու վրայ հիանալու եւ իրենցինները անտեսելու սովորութիւնը: Շաղիտայի եւ Եպիփանի եւ Գինդի իբր ընկերակից նշանակուած Եփրեմի մասին 123), ուրիշ տեղեկութիւն չունինք, բայց անհաւանական չէր ըլլար կարծել, թէ սա ինքն է, որ յաջորդած է Ս. Կարապետի վանահայր Ստեփանոսի, եւ 28 տարի առաջնորդ եղած է Իննակնեան միաբանութեան (ՄԱՄ. 8):