Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱՍՊՈՒՐԱԿԷՍ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏԱՑԻ

171. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Շահակ Կորճեայի կարծեցեալ կաթողիկոսութիւնը ընդունելի չըլլալով, Զաւէնի յաջորդ պիտի ընդունինք Ասպուրակէսը, համաձայն Խորենացւոյ եւ բոլոր հիներուն եւ գաւազանագիրներուն գրածին, եւ ենթադրելի իսկ չէ որ Մանազկերտացիներուն տունը հայրապետութիւնը ձեռքէն հանած ըլլար: Խորենացին պարզապէս ազգական Շահակայ եւ Զաւէնայ (ԽՈՐ. 231) կը ճանչնայ Ասպուրակէսը, ուրիշներ ի զաւակէ Աղբիանոսի (ԲԶՆ. 272) կ՚ըսէն, եւ միեւնոյն իմաստն ունի, մինչ կան որ Զաւէնի եղբայր (ՍՈՓ. Է. 28) կ՚ընէն, եւ նոյնը կրկնողներ պակաս չեն (ՅՈՎ. 68), եւ մինչեւ իսկ եղբայր Շահակայ եւ Զաւէնի ըսող ալ կայ (ՔԱՀ. 34): Երեք Մանազկերտացիներ միեւնոյն տունէն ըլլալով իրարու եղբայր կրնային կոչուիլ, բառին ընդարձակ իմաստով, որ իբր հօրեղբօրորդի ալ կրնայ առնուիլ, սակայն իրարու հարազատ եղբայրներ ըլլալնին ալ անհնար չէ, քանի որ երեքը մէկտեղ 13 տարիէ աւելի միջոց չեն գրաւեր, եւ իրենց վերջին տարիներու մէջ իրարու յաջորդած կրնան ըլլալ: Ասպուրակէսի ընտրութիւնը խնդրոյ նիւթ ալ եղած չէ, արդէն Մանազկերտացիներու տունը ձեռք անցուցած էր հայրապետութիւնը, եւ քաղաքական խնդիրներէ հեռու ապրելով իրեն վրայ դիտողութիւն չէր հրաւիրէր: Լուսաւորչի տան միակ ժառանգն ալ, Ներսէսի որդին Սահակը, կամ ստէպ Հայաստանէ դուրս կը գտնուէր, եւ կամ ինքզինքը հեռու կը պահէր որեւէ թեկնածութենէ: Ասպուրակէսի նկարագիրին մասին գրուած է, թէ ի նոցին առաքինութիւնս յառաջադէմ գտեալ անձ մըն էր (ՍՈՓ. Է. 28), այսինքն է Շահակի եւ Զաւէնի առաքինութեանց: Նոյնիսկ Բուզանդ ալ կը կոչէ զայն այր քրիստոնէամիտ աստուածապաշտ, արդար (ԲԶՆ. 272) եւ դարձեալ թէ էր այր սուրբ եւ բարեպաշտօն, երկիւղած յԱստուծոյ եւ ի մարդկանէ (ԲԶՆ. 279), եւ դարձեալ թէ էր այր քաղցր եւ խոնարհ, բարերար եւ մարդասէր (ԲԶՆ. 280), որ ի պահս եւ յաղօթս յամենայն ժամ աղաչէր զԱստուած (ԲԶՆ. 279): Այսչափ գովեստներէ ետքը կը յաւելու, թէ ագանէր զամզայեալս եւ ժապաւինեալս (ԲԶՆ. 280), որովհետեւ վասն կրօնիցն հանդերձոյն, զեդեալ կարգն ըստ կրօնիցն Զաւէնայ կը պահէր (ԲԶՆ. 272), որով ընդունած կ՚ըլլայ, թէ Զաւէնի ըրածն ալ անհատական անձնահաճ պերճասիրութիւն չէր, այլ կրօնք հանդերձոյմը կար, կամ աւելի որոշ բառով, զգեստի օրինական կանոն մը, ինչ որ մենք ալ արդէն բացատրեցինք 167): Ասպուրակէսի հայրապետութեան թուական կը պահենք 381 տարին, որ Արշակի ալ երկրորդ տարին կ՚ըլլայ (ԽՈՐ. 231), որ տարին որ Մայիսի մէջ գումարուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ սուրբ ժողովը եւ հոգեմարտ Մակեդոնի վարդապետութիւնը դատապարտեց: Մեր պատմիչներ (ԽՈՐ. 220, ՍՈՓ. Զ. 62, ՍՈՓ. Է. 25, ՅՈՎ. 65) այդ ժողովին ներկայ կը կարծեն Ներսէս Մեծ Կաթողիկոսը, ինչ որ ժամանակագրական հաշիւը չի կրնար ընդունիլ, եւ ժողովական գործերուն մէջ ալ բնաւ յիիշատակութիւն չկայ: Հետեւաբար պիտի ըսենք թէ տիեզերական երկրորդ ժողովին մէջ Հայերը ներկայացուցիչ չունեցան, այլ որովհետեւ աթոռներու մէջ տարաձայնութեանց եւ բաժանմանց խնդիր չկար, Կոստանդնուպոլսոյ վճիռներն ու կանոնները Հայաստան բերուած ատեն` անհակառակ ընդունուեցան Ասպուրակէս հայրապետի եւ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու կողմէն:

172. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

Հայաստանի խաղաղութիւնը, որուն պատճառ եւ պահապան կանգնած էր Մանուէլ Մամիկոնեան, շարունակեց մինչեւ անոր մահը, զոր կրնանք յապաղել մինչեւ 384 թուականը, որով կ՚արդարանայ եւս Բուզանդի յիշած եօթնամեայ խաղաղութիւնը (ԲԶՆ. 257), հաշուելով զայն Վարազդատի գահազրկութենէն, որ տեղի ունեցաւ 378-ին: Այդ խաղաղութեան պատճառներէն գլխաւորն եղաւ Յոյներուն արեւելքի գործերէն ձեռնթափ ըլլալը, եւ Շապուհի մեռնելով Արտաշիրի թագաւորելը 379-ին, որ խաղաղական կառավարութեան ձեռնարկեց, եւ Մանուէլ ալ իր խոհականութեամբ գիտցաւ յօգուտ գործածել երկու տէրութեանց առժամեայ անգործութիւնը, եւ ամենայն երկիրն Հայոց ի խաղաղութիւն էր ընդհովանեաւ Մանուէլի զամենայն աւուրս կենաց նորա (ԲԶՆ. 257): Մանուէլ մեռաւ բնական մահուամբ զախտ հիւանդութեան մահու հիւանդացեալ (ԲԶՆ. 264), ինչ որ նշանակելի պարագայ մըն է Մամիկոնեան սպարապետներուն համար, ինչպէս ինքն Մանուէլ ալ կը զարմանար, որ իր բոլոր մարմինը վէրքերով լեցուն ըլլալով հանդերձ` ընդէ՞ր ոչ եհաս մեռանել ի պատերազմի, եւ կը ցաւէր որ իրեն զվատթար մահս մահճաց եհաս մեռանել (ԲԶՆ. 265): Բայց Մանուէլի մահը իսկապէս վատթար եւ վնասակար եղաւ ազգին: Արշակ դեռ մանուկ էր, նա չէր կրնար ոչ նախարարները զսպել, եւ ոչ երկու տէրութիւններու մէջ հաշտ եւ խոհեմ ընթացք մը պահել: Արտաշիր` Մանուէլի որդին, որ սպարապետութիւնը ժառանգեց (ԲԶՆ. 264), հօրը հանճարը չունէր, եւ Հայաստանի մէջ շփոթութիւններ սկսան, ինչ որ տաղտկալի էր հաւասարապէս թէ' Յոյներուն եւ թէ' Պարսիկներուն: Թէոդոս կայսր խորհուրդ յղացաւ, Հայաստանի մի մասը Պարսիկներուն թողլով, մնացեալը իրեն ապահովել եւ արեւելքի կողմէ վտանգի առջեւը առնել: Շապուհ Գ., երկարակեաց Շապուհ Բ. թոռը, շուտով հաւանեցաւ, եւ Հայաստանի բաժանումը (22) իրենց մէջ որոշուեցաւ եւ հաշտութեան պաշտօնագիրը հաստատուեցաւ նոյն 384 տարին (ԽՈՐ. 232): Դժուար է բաժանման սահմանագիծը կազմել իր ամբողջութեան մէջ, բայց ընդհանուր կերպով Բարձր Հայք եւ Ծոփաց նահանգ` որ Չորրորդ Հայք կոչուեցաւ, Յունաց մնացին, իսկ մնացեալ նահանգներ, Արարատ եւ Տուրուբերան եւ Վասպուրական ուրիշներու հետ Պարսից բաժին եղաւ: Արշակի ազատութիւն թողուեցաւ, որ մասին մէջ ուզէ թագաւորութիւն ընել, իսկ նա նախադասեց Յունաց բաժնին անցնիլ, լաւ համարեալ նւազ կողմանն տիրել, եւ ծառայել քրիստոնեայ թագաւորի: Խորենացի Արշակի մօրն ալ ի կայսերական քաղաքէն լինելը կը յիշէ (ԽՈՐ. 232), սակայն մենք նորէն պիտի կրկնենք, որ ոչ թէ մայրն Զարմանդուխտ, այլ մեծ մայրն Ողիմպիադա` Բիւզանդիոյ արքունիքէն էր: Յիշուած չենք գտներ յայտնապէս թէ ո՞ւր հաստատեց Արշակ իր արքունիքը, սակայն Կարին քաղաքին տրուած կարեւորութիւնը, եւ անոր նորոգութիւնները եւ Թէոդուպոլիս կոչուիլը, Յունական Հայաստանին մայրաքաղաք նշանակուած լինելը կը ցուցնեն:

173. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Արշակի օրինակը ուրիշ շատ նախարարներ ալ հրապուրեց Յունական բաժինը անցնիլ, ինչ որ Պարսից թագաւորին մտադրութիւնը գրաւեց, եւ իմանալով որ անոնք կը սիրեն Արշակունի թագաւորի մը ներքեւ ըլլալ, ինքն ալ իր բաժնին մէջ, փոխանակ Պարսիկ մարզպան մը նշանակելու, Հայ Արշակունի մը գլուխ դրաւ թագաւոր անունով, որ եղաւ Խոսրով Գ.: Խոսրովը կոչուած է ոմն ի նմին ազգէն Արշակունեաց (ԽՈՐ. 232), կամ ի նմին տոհմէ մանուկ մի (ԲԶՆ. 270), սակայն 415ին յոյժ ծեր վախճանած մէկ մը (ՓԱՐ. 18), 384-ին, այսինքն 30 տարի առաջ, մանուկ չէր կրնար ըլլալ, բայց եթէ Բուզանդի սովորական ոճով` ծեր չեղողը մանուկ կոչելով: Եթէ յոյժ ծեր մը` գոնէ 75 տարեկան կարծենք, Խոսրովը 45 տարեկան թագաւոր եղած պէտք է ընդունիլ: Իսկ ի նմին ազգէն կամ տոհմէն ըլլալու համար, պէտք է այս ալ Արշակ Բ. ի առաջին ամուսնութենէն սերած մէկը ընդունիլ, Վարազդատի հօրեղբօրորդի մը, քան թէ եղբայր մը: Պարսիկ թագաւորին ըրածը իր օգուտը ունեցաւ, թէ երթալիք նախարարները մնացին, եւ թէ գացողներէն շատեր դարձան, եւ մնացին միայն Արշակի սննդակից պատանիներ, Դարա Սիւնի, Գազաւոն Արշարունի, Պերոզ Գարդմանացի, Ատատ Գնունի, Կենան Ամատունի, Սուր Մոկացի, Ռոստոմ Առաւենեան եւ քանի մը ուրիշներ, զորս պատմիչը անյայտ ոմանք կը կոչէ, եւ որոց զժառանգութիւնս կալաւ Խոսրով յարքունիս հրամանաւ Շապհոյ (ԽՈՐ. 233): Նոյնիսկ Արշակի կողման մեծամեծ նախարարներէն ալ ոմանք, ինչպէս Սահակ Բագրատունի, Սուրէն Խորխոռունի, Վահան Առաւեղեան, եւ Աշխադար Դիմաքսեան, Արշակի հետ գժտելով Խոսրովի կողմը անցան: Բայց երկրին ընդարձակութենէն եւ կուսակից նախարարներէն աւելի Խոսրովի կողմը զօրացնողն էր Ասպուրակէս հայրապետ, որ ոչ միայն նոյն բաժնին մէջ մնաց, այլեւառաջնորդեաց դրանն Խոսրովու (ԲԶՆ. 272), որ է ըսել Խոսրովի արքունեաց մէջ կաթողիկոսներու յատուկ գլխաւորութեան դերը պահեց: Հարկաւ երկրին բաժանման, եւ Պարսիկ բաժնին կազմակերպութեան մէջ ալ Ասպուրակէս դեր մը ունեցաւ, քանի որ արքունական դրան առաջնորդելու գործէ չէր քաշուէր: Ասպուրակէսը Պարսից կողմ պահելու կը յորդորէին թէ' իր հայրենական Մանազկերտին եւ թէ' հայրապետական աթոռին Պարսից բաժնին մէջ ինկած ըլլալը: Իսկ Արշակի բաժնին վրայ նոր եկեղեցական գլուխ նշանակուած ըլլալը չէ յիշուած, եւ պէտք է հետեւցնել, թէ այն կողմի Հայերն ալ, իրենց եպիսկոպոսներուն միջնորդութեամբ կաթողիկոսական աթոռին եւ Ասպուրակէսի հետ յարաբերութիւննին չէին խզած: Վերեւ յիշուած Սուրէն եւ Վահան եւ Աշխադար նախարարներ փախած ատեննին` Հանի ամրոցին գանձն ալ մէկտեղ տարած ըլլալնուն համար, Արշակի զօրքերը անոնց հետապնդեցին Սամէլ Մամիկոնեանի զօրավարութեամբ եւ Մանազկերտի այրերուն մէջ փակեցին, բայց Սահակ Բագրատունի Խոսրովի բանակով փախչողներն ալ եւ գանձն ալ ազատելով Խոսրովի բերաւ, եւ այս պատճառով Արշակի եւ Խոսրովի մէջ պատերազմ մըն ալ տեղի ունեցաւ Երեւել դաշտին վրայ, ուր Արշակի կողմը յաղթուեցաւ, Դարա Սիւնի սպարապետ սպանուեցաւ, եւ Արշակ հազիւ կրցաւ մազապուրծ ապաւինիլ Եկեղեաց գաւառը (ԽՈՐ. 236): Պատերազմը պէտք է դնել 385-ին:

174. ԱՍՊՈՒՐԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ

Ասպուրակէսի հայրապետութեան Խորենացի կու տայ ամս հինգ (ԽՈՐ. 231), եւ այս է ընդհանուր գաւազանագիրներուն կրկնածը, եւ ոմանց 7 տարի տալը, պարզապէս Ե եւ Է տառերուն փոխանակութեան պէտք է ընծայել: Ընտրութեան թուականը 381-ին ըլլալով, վախճանը կ՚իյնայ 386-ին, որ ըստ ամենայնի կը պատասխանէ պատմական եւ ժամանակագրական պահանջներուն: Մահուան պարագաները եւ թաղման տեղը նորէն անծանօթ կը մնան, եւ մենք ասոր նկատմամբ ալ բնական կը գտնենք ըսել, ինչ որ միւս Մանազկերտացիներուն համար ըսինք, թէ ծերութեան հասակի մէջ խաղաղութեամբ վախճանեցաւ, եւ իր հայրենական Մանազկերտի մէջ թաղուեցաւ: Միեւնոյն տարին վախճանեցաւ Յունաց բաժնի Արշակ թագաւորն ալ, տակաւին նորահաս երիտասարդութեան տարիքին մէջ: Պապի երկու որդիներն ալ տկարակազմ եւ վատառողջ տղաքներ պէտք է եղած ըլլան, ախտամոլ եւ դեռահաս ծնողի մը զաւակներ եղած ըլլալով: Կրտսերը Վաղարշակ, թագաւոր հռչակուելէն ետքը տարի մը իսկ չապրեցաւ ու մեռաւ (ԽՈՐ. 231), իսկ Արշակ ալ հիւանդացեալ մաշարայական ախտիւք ջերանի հիւծմամբ (ԽՈՐ. 237), որ է ըսել թէ սրընթաց թոքախտ ունեցող մէկն էր: Երեւել դաշտի պատերազմին յուզմունքն ու տառապանքն ալ իրենց դերը ունեցան, վասնզի Եկեղեաց գաւառը ապաւինելէն ետքը` տարաբախտ երիտասարդը այլեւս գլուխ չկրցաւ վերցնել, եւ օրըստօրէ մաշելով ու հիւծելով մեռաւ, եւ հարկաւ Հանիի թագաւորական գերեզմանները թաղուեցաւ: Արշակի զաւակ ունեցած ըլլալը չի յիշուիր, որով Արշակունի ժառանգ ալ պակսեցաւ եւ Յոյներ թագաւորութեան անունն ալ դադրեցնելով, կոմէոս կացուցին իբրեւ իշխանս, այսինքն իբր կուսակալ, կամ յունական բառով կուրապաղատ: Իսկ Հայոց նախարարներուն գլխաւոր եւ հայագունդ զօրաց հրամանատար նշանակեցին Գազաւոն Կամսարականը, որով Հայաստանի յունական բաժինը այնուհետեւ իբրեւ կայսերական գաւառ նկատուեցաւ, եւ կայսերութեան վարչական ձեւին ենթարկուեցաւ: Արդէն հայրապետական աթոռն ալ դատարկ էր, եւ միայն Խոսրով կար մէջտեղ իբրեւ ազգային պետ մը, եւ նմա կ՚իյնար, եւ նա հոգաց հայրապետական աթոռը արժանաւոր գահակալով մը օժտել:

175. ՓԱՒՍՏՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Համաձայն մեր խոստումին, եւ իւրաքանչիւր միջոցի մէջ փայլող կամ երեւացող անձնաւորութեանց յիշատակները նոյնին մէջ ամփոփելու դիտումով, այստեղ կը քաղենք քանի մը անձերու մասին Բուզանդի պատմութեան ծայրը գտնուող կցկտուր յիշատակները: Ասոնք կրնան իբր կազմակերպեալ խումբ մը նկատուիլ, Ներսէսի ձեռքին տակ պատրաստուած, նպատակ ունենալով օժանդակել անոր բարեկարգական ճիգերուն, որով պիտի համարձակինք Բարեկարգիչ խումբ անուանել զայն, ինչպէս անոր ետեւէն Թարգմանիչ խումբ մըն ալ կազմուեցաւ: Բարեկարգիչներէն չորս գլխաւորները, Եպիփան, Շաղիտա, Գինդ ու Եփրեմ, Ներսէսի պատմութեան հետ յիշատակեցինք, այստեղ մնացածներուն յիշատակները պիտի ամփոփենք: Այս կարգին յիշուած կը գտնենք քանի մը եպիսկոպոսներու անուններ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ կը կազմեն կաթողիկոսարանի դրան եպիսկոպոսներու ժողովը, որոնց համար կ՚ըսէ Բուզանդ, թէ էին ի ներքին հայրապետին ի տան իւրում ընդ նորա ձեռամբ երկոտասան եպիսկոպոսք աթոռակիցք իւր, գործակիցք եւ խորհրդակիցք (ԲԶՆ. 273): Այդ ժողովը, որ Ներսէսի օրով կազմուած էր, հարկաւ անկէ ետքն ալ իր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը չկորսնցուց, որովհետեւ ըսուած է, թէ դեռ եւս կային նոքա կենդանիք, յամս Խոսրովու եւ Արշակայ, երկուց թագաւորացն բաժանաւորացն (ԲԶՆ. 273): Հաւանաբար այդ ժողովին գլխաւորն էր Խադ եպիսկոպոսը, որուն վրայ խօսեցանք իր կարգին 137): Իսկ այստեղ յիշուածներուն առաջինն էր Փաւստոս եպիսկոպոս, ազգաւ հոռոմ, որ եղած է թելակալ, այսինքն գործակալ Ներսէսի եպիսկոպոսապետին: Փաւստոս ծերունի եպիսկոպոս մը յիշուեցաւ, որ 353-ին Ներսէսը սարկաւագ ձեռնադրեց 119), եւ եթէ Փաւստոս թելակալ տակաւին կենդանի էր 384-ին, Հայաստանի երկուքի բաժնուելէն ետքը, դիւրին չ՚ըլլար երկու Փաւստոսները նոյնացնել, եւ կարծել թէ միեւնոյն ծերունին կրցած է գործակալութիւն վարել 30 տարի ետքը: Խնդիրը կը յուզուի նաեւ թելակալ Փաւստոսին եւ Փաւստոս Բուզանդ պատմագիրին նոյնութեան վրայ: Այս մասին շատերուն համար որոշիչ նկատուած է, գլխակարգութեանց վերջը տեսնուած տողը, ստորոտ ամենայն պատմութեանց յաղագս իմ տեղեկութեան (ԲԶՆ. 268), իբր թէ հեղինակը յայտնապէս ինքզինքը մատնանիշ ընէր: Սակայն մեր կարծեօք անկէ առաջ աւելի ծանր խնդիրներ կան լուծուելիք, եւ գլխաւորապէս որոշելու է թէ Բուզանդի պատմութիւնը յունակա՞ն բնագիր է, թէ հայկական պատմութիւն է: Բուզանդական պատմութիւնք գլխակարգութիւնը, եւ երրորդ դպրութիւն գլուխը իբր սկիզբ նշանակելը (ԲԶՆ. 5), կը ցուցնեն թէ աւելի ընդարձակ բիւզանդական պատմութիւն մըն է գրուածը, եւ թէ երրորդ դպրութենէն կը սկսին եղեր Հայոց վերաբերեալ մասերը, որք առանձինն թարգմանուած են Հայոց համար: Նմանապէս խորագիրին մէջ Փաւստոս պատմագիրը եպիսկոպոս չէ կոչուած, ինչպէս Փաւստոս թելակալն ալ Բուզանդացի չէ կոչուած, եւ մենք կը միտինք Փաւստոս ծերունին, Փաւստոս թելակալը եւ Փաւստոս պատմագիրը, երեք համանուն` բայց տարբեր անձեր ընդունիլ:

176. ՈՒՐԻՇ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ

Բուզանդի յիշած եպիսկոպոսներուն երկրորդն է Զորթ, այր ներքինի կոչուած, հարկաւ ոչ մարմնական կազմութեամբը, այլ ըստ որում ասոնց ամէնքն ալ ի ներքնի հայրապետին էին, եւ կը զբաղէին ի տեսչութիւն աղքատանոցաց եւ Ներսէսի յամենայնի հաւատարիմք էին (ԲԶՆ. 273): Երրորդ յիշուած է Արտիթ եպիսկոպոս Բասենոյ, այր ծերունի պատուական եւ պիտանի, սրբութեամբ եւ ճշմարտութեամբ վարեալ, որ մինչեւ իսկ առնէր նշանս մեծամեծս: Ըսուած է եւս թէ կանուխէն Դանիէլ Ասորիին աշակերտած էր, եւ թէ կ՚ապրէր մինչեւ թագաւորութեան երկուքի բաժնուելէն ետքը (ԲԶՆ. 274), որով Դանիէլի վերջին աշակերտներէն կրնայ եղած ըլլալ: Չորրորդ կը յիշուի Կիրակոս եպիսկոպոս Տայոց, որ Շահապ ալ կոչուած է եղեր, հարկաւ առաջուց վարչական ու տանուտէրական պաշտօն վարած ըլլալուն համար: Ասոր համար ըսուած է, թէ էր այր ճշմարիտ աստուածապաշտ` ըստ կամացն Աստուծոյ (ԲԶՆ. 278): Հինգերորդ կը յիշուի Զորթուազ եպիսկոպոս Վանանդայ, այր սուրբ, պարկեշտ, արժանի Աստուծոյ, արբեալ Ոգւով Սրբով (ԲԶՆ. 278): Ասոնցմէ ետքը կը յիշուին Տիրիկ եւ Մովսէս եպիսկոպոսք Բասենոյ գաւառին, զորս պէտք է ընդունիլ, իբր Բասենի զանազան կողմերուն եպիսկոպոսները, քանի որ արդէն յիշուեցաւ Արտիթ` իբր եպիսկոպոս Բասենոյ: Այս երկուքին համար ալ վկայուած է թէ էին արք լաւք, հրեշտակակրօնք, սուրբ հաւատացեալք, հրաւիրմանն արժանիք (ԲԶՆ. 279): Շարքը կը փակէ Ահարոն եպիսկոպոս մը, վիճակը անորոշ, այլ գործող ի մէջ Հայոց աշխարհի: Ասոր համար ալ ըսուած է թէ էր այր երեւելի եւ անուանի, քաջ, առաքինի: Այս ընտիր եւ առաքինին եպիսկոպոսներուն կարգին խառնուած է` անանկ մէկ եպիսկոպոսի անունն ալ, որուն համար հեղինակն ալ կը վարանի թէ արժան իցէ կոչել զնա եպիսկոպոս, որովհետեւ կը նկարագրուի իբր կեղծաւոր եւ ագահ, որ դուրսէն ճգնաւորի ձեւեր կը պահէր, բայց դրամի սիրոյն ամէն ստորնութիւն յանձն կ՚առնուր եւ ամէն անիրաւութիւն կը գործէր: Սա ինքն է Յոհան եպիսկոպոս, Փառէն հայրապետին որդին, որ հայրապետանոցի եպիսկոպոսներէն մէկն եղած էր իր հօրը շնորհիւ, բայց բոլորովին անվայել կեանք մը ունէր (ԲԶՆ. 274): Անոր գործերէն իբր նմոյշ յառաջ կը բերուի, թէ գեղեցիկ ձիու մը վրայ հեծած աւազակ երիտասարդի մը հանդիպելով ճամբան, կը հրաւիրէ ձիէն իջնել, եւ անմիջապէս քահանայական ձեռնադրութիւն կու տայ, եւ իբր պաշտօնէից իրաւունք` ձին ձեռքէն կ՚առնէ: Թագաւորին պալատին մէջ ալ, չէ յիշուած թէ ո՞ր թագաւորին, խեղկատակի դեր կը վարէր, չորս ոտքի ինկած եւ ուղտի պէս կառաչելու ձայներ հանելով, սրահները կը պտտէր, որպէսզի իրեն վրայ նուէրներ եւ ընծաներ դնեն, մինչեւ իսկ զմուրհակս գիւղոց կամ զագարակաց գրեալ եւ կնքեալ. եւ կը կրկնէր ուղտ եմ, ուղտ եմ, դիք ի վերայ իմ զմեղս արքայի, թող բառնամ, եւ այս ամէնը կ՚ընէր, վասն ագահութեան, եւ հարստութիւններ եւ կալուածներ կը շատցնէր (ԲԶՆ. 277): Մենք աւելորդ չսեպեցինք անարժան եպիսկոպոսին յիշատակը կրկնել, վասնզի ասանկներուն զզուելի օրինակն ալ զգուշաւորութեան կը ծառայէ:

177. ԲԱՐԵԿԱՐԳԻՉ ՄԻԱՅՆԱԿԵԱՑՆԵՐ

Եպիսկոպոսներու խումբին քով նշանակուած կը գտնենք միայնակեացներու խումբ մըն ալ, ընդհանրապէս Գինդ Սլկունիի աշակերտութենէն, գործունեայ եւ բարեկարգիչ կրօնաւորներու դասակարգ մը, որք ոչ միայն քրիստոնէից մէջ կը քարոզէին ճշմարտութեան եւ ուղղութեան կանոնները, այլեւ ծակուծուկ մնացած հեթանոսներն ալ դարձնելու համար հեռաւոր եւ անմատոյց կողմեր կը պտտէին 156): Յանուանէ յիշատակուածներէն մէկն է Տրդատ, որ եւ Տրդած, որ Ներսէսի մահուան ատենն ալ մօտը գտնուած էր 153), եւ անոր մահուընէն ետքը յառաջին վարդապետսն, յանապատաւորաց դասս թեւակոխեաց, եւ իրեն կայանք բնակութեան ըրած էր Տարոն գաւառը: Կը յիշուի եւս Մուշէ, որ Գինդի հաւատարիմ ընկերը եղաւ, եւ անոր մօտ մնաց Ծաղկէոյ լեռը, երբ ուրիշներ զայլ գաւառս շրջէին հրամանաւ իւրեանց գլխաւորին Գնդայ, եւ անբաժան մնաց մինչեւ Գինդի մահը: Կը յիշուին եւս Վաչակ, Արտոյտ եւ Մարախ, բայց անունէն զատ ուրիշ պարագաներ չենք գտներ իրենց վրայ (ԲԶՆ. 281): Միայնակեացներու կարգին պէտք է յիշենք Առոստոմն ալ, թելակալ Փաւստոս եպիսկոպոսի եղբայրը, ինքն ալ ազգաւ հոռոմ, որ անապատական կեանք վարած է Արարատ գաւառի մէջ, մաշկահանդերձ եւ խոտաճարակ, եւ սրբութեան համբաւ վայելած, որով մահուընէ ետքն ալ մարմինը թաղած են` Ներսէսի հայրապետի կալուածներէն Ամօքն գիւղը, որ թերեւս ըլլայ Վանայ շրջակայից Ամիւկ գիւղը, եւ ամի ամի զյիշատակ նորա կատարած են (ԲԶՆ. 273), թէպէտեւ Յայսմաւուրքի մէջ ասանկ յիշատակի հանդիպած չենք: Առոստոմ տարբեր եղած է Գինդի աշակերտութենէն, եւ մասն չէ ունեցած անոնց բազմօգուտ եւ առաքելական գործունէութեան մէջ, որ ճգնասուն անապատականէ շատ աւելի գերազանց է:

178. ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆՈՑԻ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ

Անցողակի յիշենք նորէն, որ հին ատենները ամէն հաստատութիւն իր պահպանութեան պէտքերը կ՚ընդունէր իրեն սեփական եղող կամ իր տրամադրութեան ներքեւ դրուած գիւղերէն ու ագարակներէն: Հայրապետական աթոռն ալ իր սեփական կալուածներն ունեցաւ Տրդատի օրերէն սկսելով, որ քրմապետական կալուածները հայրապետականի փոխանցեց. բայց անոնցմէ դուրս Լուսաւորչի Պարթեւազնեան տոհմը եւ Աղբիանոսի Մանազկերտացի տունն ալ, իրենց սեփական եւ տոհմային կալուածներ ալ ունեցան: Հայրապետական կալուածներուն տասնուհինգ տարբեր տեղեր գտնուած ըլլալը Բուզանդէ կ՚իմանանք, թէպէտ 15 գաւառներուն ամբողջական ցուցակը չենք գտներ: Վեց հատին միայն անունները կը յիշէ, որք են Արարատ, Դարանաղի, Եկեղեաց, Տարոն, Բզնունիք եւ Ծոփք. իսկ մնացեալներուն համար ըսուած է, եւ որ ընդմէջ նոցա եւ շուրջ զնոքօք, ինչ որ որոշ գաւառի մը հնար չէ պատշաճեցնել: Իւրաքանչիւր գաւառն ալ ամբողջապէս կալուած չէր, այլ իւրաքանչիւրին մէջ գիւղ մը կամ երկու: Պատմութեանս ընթացքին մէջ յիշուեցան Տարոնի Աշտիշատը, Եկեղեաց Թիլը, եւ Դարանաղեաց Թորդանը, որոնց կրնանք աւելցնել Արարատի մէջ Կոտալից Արամոնքը (ՅՈՎ. 133), իսկ մնացեալներու վրայ որոշ տեղեկութիւններ չենք գտած, եւ չենք կրնար ալ վճռել, թէ վերեւ յիշուած Ամօքն ալ հայրապետական կալուածներուն թիւէն էր: Ամէն առթի մէջ պէտք է դիտել թէ հայրապետական կալուածները ընտիր տեղեր եւ բարեբեր ագարակներ էին, ինչպէս կ՚իմացուի Հայր Մարդպետի պատահարէն: Անգամ մը որ Մարդպետը Աշտիշատ ուխտի էր եկած, Ներսէս հայրապետ զինքը ճաշի կը պահէ, եւ նա ալ առիթ կ՚ունենայ ամէն կողմերը պտըտիլ ու դիտել, եւ նախանձիլ: Սեղանի վրայ երբ քիչ մը աւելի կը խմէ, եւ տեսածներուն վրայ կը հիանայ, կը սկսի Արշակունի թագաւորները թշնամանել, Տրդատէ սկսելով, եւ մեռածներն ու կենդանիները իրարու խառնելով նախատել, թէ զայսպիսի տեղիս կանանցահանդերձ մարդկան տուեալ է, եւ ոչ արանց (ԲԶՆ. 117), այսինքն պճղնաւոր հագուող եկեղեցականներուն տուած է եւ ոչ պալատականներուն: Այս Հայր Մարդպետը Շաւարշ Արծրունիի ձեռքով սպաննուած է (ԲԶՆ. 121), եւ տարբեր է Մուշեղ Մամիկոնեանի ձեռօք սպաննուած Հայր Մարդպետէն 144), եւ երեւի թէ Հայր անունն ալ իբրեւ պատուանուն` հասարակ էր ամէն Մարդպետներու: