Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ

179. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Երբոր Ասպուրակէս մեռաւ 386-ին Հայաստանի Պարսկական բաժնին մէջ, դեռ Արշակ կը թագաւորէր Յունական բաժնին մէջ եւ պէտք չէր որ առանց երկու կողմերու համաձայնութիւնը ապահովելու` կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարուէր, որպէսզի ազգին մէջ երկպառակութիւն չծագէր, եւ բաժանման վիհը չընդարձակուէր: Մինչ այս մինչ այն Արշակ ալ կը մեռնի 174), տեղը ուրիշ Արշակունի թագաւոր մը չի նստիր, այլ Յոյն կուսակալ մը, որ Հայութեան պետի մը նկարագիրն ու իրաւունքը չունէր: Այս կերպով Խոսրով իրաւունք կը ստանայ իր նախաձեռնութեամբ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը կատարել: Լուսաւորչի ազգատոհմին նկատմամբ ազգին ունեցած համարումը կրկին կը զօրանայ, երբ նեղ եւ դժուարին կացութիւնը կարողագոյն հայրապետի մը անհրաժեշտ պէտքը կը զգացնէր: Մանազկերտացիք արդիւնաւորութիւն ցուցուցած եւ համակրութիւն ստացած չէին, գուցէ աչքի զարնող անձ մըն ալ չունէին, հետեւաբար ամենուն համերաշխ եւ համամիտ հաւանութեամբ հայրապետական աթոռը բարձրացաւ Սահակ, Ներսէսի որդին, Աթանագինէի թոռը եւ, Յուսիկով ու Վրթանէսով Լուսաւորիչէ հինգերորդ ծնունդ: Կաթողիկոսական յաջորդութիւնը պահ մը յապաղած էր վերոյիշեալ պատճառներով, եւ Սահակի ընտրութիւնը պէտք է դնել 389-ին, որ է Խոսրովի երրորդ տարին, ինչ որ մեր ժամանակագրութեան կշիռն ալ կ՚արդարացնէ: Խոսրովի համար պարծանաց արժանի արդիւնք պիտի համարուի Սահակի նման հայրապետի մը ընտրութեան նախաձեռնութիւնն ստանձնած եւ գործադրած լինելը, որ Հոգւոց Լուսաւորիչ Գրիգորէ եւ Սրտից Լուսաւորիչ Ներսէսէ ետքը, Մտաց Լուսաւորիչ եղաւ Հայ ազգին համար, եւ անոր դարուց ի դարս տեւելուն եւ ապրելուն սկզբնապատճառը պիտի ճանչցուի Հայ դպրութեան ստեղծմամբ:

180. ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄ

Սահակի նախընթացին վրայ թէպէտ աստեւանդ ակնարկներ ըրած ենք, բայց կ՚արժէ որ այստեղ ալ ամփոփում մը ներկայացնենք: Անոր ծնունդը Կեսարիոյ մէջ եղած ըսինք 116), երբ Ներսէս ու Սանդուխտ մանկամարդ ամուսիններ այնտեղ կը մնային ուսմանց հետեւելով: Հաստատուն տեղեկութիւն մը, զոր բոլոր ժամանակակիցներ, Կորիւն, Խորենացի եւ Փարպեցի միաձայնութեամբ կը կրկնեն, Սահակի ծննդեան օր կը նշանակէ նաւասարդի 30-ը, (ԿՈՐ. 41, ՍՈՓ. ԺԱ. 28, ԽՈՐ. 270, ՓԱՐ. 37): Արդ ուրիշ կողմէ գիտենք թէ 350-ին Ներսէս արդէն Բիւզանդիոն անցած էր, իսկ նախընթաց 348 եւ 349 տարիներուն նաւասարդի 30-ը շարժական տոմարի հաշուով, կ՚իյնայ Սեպտեմբեր 29-ին, եւ մենք նկատի առնելով բոլոր մանր մունր պարագաներն ալ, զորս բացատրել երկար կը լինէր, 328 Սեպտեմբեր 29-ը կը դնենք իբրեւ ճիշդ թուական Սահակի ծննդեան: Սակայն շատ շուտ անմայր որբ կը մնար մանկիկը, զոր հարկաւ Հայաստան կը դարձնէր իր պապն Վարդան Մամիկոնեան, երբ իր վաղամեռիկ աղջկան Սանդուխտի մարմինը կը բերէր ու կը թաղէր Թիլ աւանը, իսկ փոքրիկ Սահակը կը յանձնէր` իր մայրենի պապոնց Մամիկոնեանց տունը Տարոնի մէջ, ուր կը սնանէր եւ առաջին մանկութիւնը կ՚անցնէր Սահակ, վասնզի հայրը Ներսէս, այրիացեալ երիտասարդ, ուսմանց համար անցած էր Բիւզանդիոն, իսկ հօրենական պապոնց կողմէն ոչ ոք կար, որ կարենար անոր խնամքը ստանձնել: Երբոր Սահակ չափահաս պատանեակ մը եղաւ, Ներսէս չէր կրնար այլեւս զանց ընել իր հայրական պարտաւորութիւնը, եւ ամէն հոգ տարաւ որպէսզի իր միածինը, եւ Լուսաւորչեան ազգատոհմին միակ շառաւիղը, արժանաւոր զարգացում ստանայ, եւ այս նպատակով երկար տարիներ զայն պահեց Կեսարիոյ եւ Բիւզանդիոյ հռչակաւոր ուսումնարաններուն մէջ: Սահակի ստացած զարգացման աստիճանին համար կը գրէ Փարպեցի, թէ յոյժ առլցեալ անցուցանէր վարժիւք զբազում գիտնովքն Յունաց, եղեալ կատարելապէս հմուտ երգողական տառիցն եւ հռետորական յորդասաց յայտնութեան, եւս առաւել տեղեկացեալ փիլիսոփայական արուեստիցն ցուցանիւր (ՓԱՐ. 16): Սահակի ամբողջ գործունէութիւնը զննած ատեննիս յայտնի կը տեսնենք, որ նա յունական դպրութեանց հետ` յառաջացած էր ասորական եւ պարսկական լեզուներու մէջ ալ, որոնցմէ առաջինը պիտի լրացնէր իր եկեղեցական հմտութիւնները, եւ երկրորդը պիտի դիւրացնէր իր վարչական յարաբերութիւնները: Իսկ հայերէն դպրութեանց խօսքն ընել աւելորդ է, քանի որ տակաւին գոյութիւն չունէր, եւ իրմով պիտի սկսէր ժամանակին:

181. ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Սահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը: Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ. 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ. 254): Արդ, ենթադրելով որ այն ատեն Վարդան գոնէ 28 տարեկան եղած ըլլայ, եւ Սահակի աղջիկն ալ 18 տարեկան մայր եղած ըլլայ, Սահակի ամուսնութիւնը պէտք կ՚ըլլայ նշանակել 370-ին, իր 22 տարեկան եղած ատեն, ինչ որ շատ բնական եւ հաւանական հաշիւ մըն է: Պատմութիւնը մեզի չէ հասցուցած Սահակի ամուսնոյն` ոչ անունը եւ ոչ ազգատոհմը, եւ անոնք որ Շուշան անունը տուած են, պարզ ենթադրութենէ կ՚առաջնորդուին, կարծելով թէ մեծ մամին անունը կրկնուած է իր թոռնորդւոյն` Վարդանի աղջկան վրայ, քանի որ Սահակ աղջիկ թոռ ալ ունեցած չէր իր միակ աղջիկէն, որուն անունը Սահականոյշ, եւ համառօտութեամբ Անոյշ է յիշուած: Սահակի արու զաւակ ունեցած չըլլալը իրեն ալ մեծ մտահոգութիւն պատճառած է, եւ ինքն իր բերնով ըսած է, թէ խորհուրդք անմխիթարք նեղէին զիս, անդադար զմտաւ ածելով եւ աղաչելով զԲարձրեալն շնորհել ինձ արու որդի, որպէս եւ նախնեացն իմոց, որք յառաջ քան զիս էին ամուսնացեալք յաղագս որդեծնութեան (ՓԱՐ. 28): Լուսաւորչի ազգատոհմին շառաւիղը պահելու փափաքը, եւ ժառանգական արժանեաց սկզբունքը, ինչպէս կը տեսնուի, ոչ թէ ընդհանուր ազգին, այլեւ նոյնիսկ Լուսաւորչի թոռներուն համար հաստատուն հաւատք մը եղած էր: Հարկաւ ամուսնութեան համար Սահակ Հայաստան դարձած էր, իր հօր կաթողիկոսութեան վերջին շրջանին: Ներսէսի հետ մէկտեղ 365-ին Բիւզանդիոնէ դարձած ըսել շատ կանուխ կ՚ըլլայ` Սահակի տարիքը նկատելով, որ տակաւին 17 տարեկան պատանի մը կ՚ըլլայ այն ատեն, եւ հաւանաբար հազիւ թէ այդ առթիւ հօրը հետ Կեսարիայէ Բիւզանդիա անցած ըլլայ 364-ին: Ամէն առթի մէջ ամուսնութիւնը, Ներսէսի մահուընէն, այսինքն 373-էն առաջ պէտք է դնել, զի Ներսէսի ալ հնար չէր Լուսաւորչեան շառաւիղին պահպանութեան հոգածութիւնը անտեսել: Արու զաւակ չունենալու մտմտուքը պատճառ եղած է Սահակի տեսիլքին, զոր միայն իր վերջին օրերուն պատմած է ինքը, առանց որոշակի ժամանակ մը նշանակելու: Տեսիլքը տեղի ունեցած է աւագ Ուրբաթի մը հսկումին գիշերը, մինչ ինքը նստած էր մերձ առ սեղանն Աստուծոյ ի սուրբ եկեղեցւոջն Վաղարշապատ քաղաքի (ՓԱՐ. 28): Սեղանին մօտ նստիլը, արդէն եկեղեցական եղած ըլլալը կը ցուցնէ, առանց տակաւին բարձր աստիճանի հասած ըլլալու, ամուսնութենէն բաւական տարիներ անցած, բայց ամուսինը դեռ կենդանի, եւ այդ պարագաները միացնելով է, որ Յայսմաւուրքը կրցած է եզրակացնել թէ զայս ամենայն ետես ի սարկաւագութեան(ՅԱՅ. 60): Մենք ալ այդ տեսութեանց հետեւելով, մերձաւորաբար 378-ին կը դնենք տեսիլքին օրը, Սահակի երեսուն տարեկան եղած ատեն, որ տարին աւագ Ուրբաթը հանդիպած է Մարտ 30-ին, իսկ միջոցը կ՚իյնայ Զաւէնի կաթողիկոսութեան օրերուն: Գուցէ Արշակ եւ Վաղարշակ մանուկներու թագաւորելն ալ իր միտքը զարթուցանելու առիթ տուաւ:

182. ՏԵՍԻԼՔԻՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ

Սահակի տեսիլքին պարունակութիւնը կրնանք այսպէս համառօտել: Մեծ խորան մը, ճերմակ կտաւով ծածկուած, վրան լուսաւոր խաչ, խորանին մէկ փեղկը կը բացուի, եւ կը տեսնուի սեղան մը, վրան հաց եւ ողկոյզ, մօտը ձիթենի մը չորս ոստերով, երեքը մեծութեամբ ու պտղաբերութեամբ իրարու նման, եւ չորրորդը տարբեր: Սեղանին միւս կողմը աթոռ մը թխագոյն կտաւով պատած, եւ աթոռին վրայ սկտեղի մը մէջ ծալլուած նափորտ մը եւ ոսկի գունտ մը, ու մագաղաթ մը, որուն վրայ քանի մը տողեր ոսկետառ գրուած են, եւ քանի մը տողեր ալ ջնջուած, դարձեալ տողուկէս ոսկետառ գրուած, եւ մնացածը կարմրադեղով լրացած: Աթոռին շուրջը բոլորած են բազմաթիւ մանչ ու սակաւաթիւ աղջիկ տղաքներ: Նոյն պահուն յանկարծ շարժ մը կ՚ըլլայ, աթոռն ալ կը սկսի տատանիլ, շուրջը եղող տղայք կ՚աճին ու երիտասարդներ կ՚ըլլան, եւ գետնէն սեղանին վրայ կ՚ելլեն, սեղանէն ալ երկինք կը բարձրանան, եւ տեսիլքը կը վերջանայ: Երբ Սահակ շփոթած կը մնար` լուսեղէն մէկ մը կ՚երեւի իրեն, որ կը սկսի քաջալերական խօսքեր ընել, եւ տեսիլքին մեկնութիւնը կու տայ: Առաջին մասերը ընդհանուր իմաստներ են եւ աստուածային խորհրդոց վրայ, շարժին համար կ՚ըսէ թէ ցուցանէ զծփումն ալեկոծութեան աշխարհիս Հայոց, մագաղաթին առաջին տողերը Լուսաւորչի ցեղէն հայրապետներ են, ջնջադիր տողերը անարժան հայրապետներ, նորէն ոսկեգիրը կը ցուցնէ թէ նորոգի աթոռ հայրապետութեան ի շառաւիղէ սրբոյն Գրիգորի: Տղայոց բազմութեան տրուած մեկնութիւնը կ՚ակնարկէ այն շառաւիղներուն, որ պիտի ելնէին յարգանդէ զաւակիդ, եւ որք աստուածահաճոյ գործերով երկինք պիտի բարձրանան (ՓԱՐ. 29-36): Այդ համառօտ ամփոփումը կը բաւէ ցուցնել, թէ տեսիլքը բովանդակ կը դառնայ մերձաւոր ժամանակներու եղելութեանց վրայ, թէ վերստին Լուսաւորչի ցեղէն հայրապետը` ինքն, Սահակն է, եւ թէ իրէն արգանդէն յառաջ եկած բազմութիւնն ալ, Վարդան եւ Վարդանով Վարդանանք եւ ժամանակակից խոստովանողներն են, սակաւաթիւ նախարարազուն խոստովանուհիներով մէկտեղ: Աւելի հեռու ժամանակներու կամ երկրորդ Պահլաւունեաց վրայ ակնարկ մը չենք տեսներ այդ տեսիլքին մէջ: Ինչ որ ընդհանրապէս տեսիլքներուն համար կ՚ըսուի, ասոր համար ալ կրկնուած է, թէ եղելութեանց կատարուելէն ետքը յերիւրուած են: Բայց այդ առթիւ, կամ պէտք էր Փարպեցին մեղադրել, եւ կամ Սահակը առասպելաբան մը համարիլ, եւ մենք փաստ մը չունինք ոչ մէկն ըսելու եւ ոչ միւսը հաստատելու (23):

183. ԿՐՕՆԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Սահակի նախընթաց կեանքին վրայ ունեցած տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յառաջ բերենք Խորենացիի գրածը, թէ նա խստակրօն ճգնաւորի կեանք մը կազմած էր ունենալով նաեւաշակերտ վաթսուն ըստ նմանութեան Սպուդէից, այսինքն ժրաջան կրօնաւորաց, որոնց օրինակը տեսած էր Կեսարիա, Բարսեղ Կեսարացիի կազմած վանականութեան մէջ, ամէնքն ալ արք կրօնաւորք, խարազնազգեստ, երկաթապատք, բոկագնացք, որք յար ընդ նմա շրջէին: Սահակի միաբանութիւնը թէպէտ աղօթից զբաղումներն ալ ունէր, մշտնջենաւոր պաշտմամբ. որպէս զայն որ յանապատսն էին, սակայն ասով չէր վերջանար անոր գործունէութիւնը, այլ միանգամայն հոգայր զաշխարհս` որպէս զայն որ յաշխարհի են (ԽՈՐ. 240), որ է ըսել ժողովրդեան հոգեւոր պէտքերուն ալ կը հասնէր աշխարհիկ եկեղեցականներուն պէս: Քանի որ Սահակ ուսմամբ զարգացեալ մէկն էր, իր աշակերտներն ալ միեւնոյն ուղղութեան հետեւողներ էին, եւ յատկապէս կը զբաղէին ժողովուրդը մխիթարելու սուրբ գրոց բերանացի թարգմանութեամբ, մեկնողական պարզաբանութեամբ, եւ մայրենի լեզուով թելադրուած աղօթքներով, քանի որ հայերէն այբուբէնն ու գրականութիւնը դեռ գոյութիւն չունէին: Որպէսզի Սահակ այդ կեանքին կարենար նուիրուիլ, պէտք է ենթադրել թէ ընտանեկան հոգերով ծանրաբեռնուած չէր: Միակ աղջիկ մը ունեցած էր, միջոց մըն ալ արու զաւակի փափաքով ապրած էր, բայց պէտք է կանուխ այրիացած ըլլայ, իսկ աղջիկը Մամիկոնեանց տունին հարսնացուցած էր, ամուսնացնելով Մանուէլի երրորդ որդւոյն Համազասպի հետ (ՍՈՓ. Զ. 123): Այս կերպով կրցեր էր Սահակ ինքզինքը բոլորովին հոգեւորական կեանքի նուիրել, եւ իր շուրջը բազմաթիւ եւ բազմարդիւն վանական ընտանիք մը կազմել:

184. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Սահակ այդ դիրքին մէջ էր, երբ բարձրացաւ կաթողիկոսական աթոռը. միջոց մը աթոռը պարապ մնալէն ետքը` քաղաքական յարաբերութեանց բերմամբ, ինչպէս դիտեցինք 179): Սահակի գահակալութիւնը տեղի կ՚ունենայ 387-ին, ոչ Կեսարիոյ խօսք կար այլեւս, եւ ոչ ձեռնադրութեան: Չենք ալ կրնար ճշդել թէ արդէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն առած էր, թէպէտ քահանայացած ըլլալը ստոյգ է եւ եպիսկոպոսութիւնն ալ հաւանական, իսկ կաթողիկոսութիւնը առած պիտի ըլլայ Հայ եպիսկոպոսներէն: Սահակի գործունէութեան ասպարէզը անմիջապէս կ՚ընդարձակուի, Լուսաւորչի ազգատոհմին սեփական լայնախոհ տեսութիւնները նորէն հոգի կ՚առնեն, եւ հայրապետութիւնը ազգին բոլոր շահերուն հոգն ու խնամքը կը ստանձնէ: Յունական բաժնի հայութիւնը Գազաւոն Կամսարականի գլխաւորութեամբ, հիացմամբ կը դիտէ Պարսկական բաժնին մէջ ծագում առած ոգեւորութիւնը, Սահակի կրօնական իշխանութեան հետ` Խոսրովի քաղաքական իշխանութիւնն ալ նախանձելի կը դառնայ, եւ յունազգի կոմսի մը վարչութիւնը դժգոհ կը թողու Յունական բաժնին Հայերը: Ասկէ յառաջ կու գան մասնաւոր բանակցութիւնք Խոսրովի եւ Գազաւոնի մէջ (ԽՈՐ. 238), որոնց տեղեկութիւնը կը ստանայ Բիւզանդեան արքունիքը Սամէլ Մամիկոնեանի ձեռամբ: Պահ մը կը վարանի կայսրութիւնը, որովհետեւ Խոսրովի դիտումներուն մէջ էր Յոյն կոմսերու բարձումը (ԽՈՐ. 239), սակայն միւս կողմէ գիտէր որ Լուսաւորչի ազգատոհմին համար աւանդական էր յունասէր ընթացքը, եւ Բիւզանդիոյ արքունիքն ալ կրնար մշակել նոյն ազգատոհմին վրայ դրուած վստահութիւնը: Այս զգացումները դուռ կը բանան բանակցութեանց: Թէոդոս կայսր կը տարակուսի որ մի' գուցէ ընդդիմութիւնը Հայերը Պարսից կողմը անցնելու միտեցնէ, եւ միաբանութեամբ հանիցեն ի նմանէ եւ տացեն ի Պարսս զբաժինն զայն (ԽՈՐ. 240), ուստի կը մտածէ որ աւելի օգտակար կ՚ըլլայ Պարսից բաժնի Հայերը իրեն գրաւել, եւ տարօրինակ որոշմամբ մը կը հաւանի, որ Խոսրով Գ. որ իբր Պարսից հարկատու եւ ենթարկեալ, անոնց հովանաւորութեան ներքեւ Հայաստանի մի մասը կը կառավարէր, Յունական բաժնին վարչութիւնն ալ ստանձնէ, անոր վրայ Բիւզանդիոյ կայսրութեան հովանաւորութիւնը յարգելով եւ յունական օրէնքներու համակերպելով: Երկուց տէրանց միանգամայն ծառայելու անհնարին դրութիւնը իրական դարձնելու փորձ մը, որուն հետեւանքը պիտի ըլլար, կայսեր տեսութեամբ, Հայերը ամբողջաբար իրեն քաշելու դիւրութիւն մը, վստահանալով Սահակի եւ Խոսրովի յունասէր զգացումներուն: Ասոնք ալ, կը մտածէին հարկաւ Պարսից Շապուհ Գ. թագաւորը համոզել հաւանական ցուցնելով Յունաց բաժինն ալ գրաւելու հետեւանքը, բայց ելքը իրենց նպատակին չհամապատասխանեց: Գտնուեցան դարձեալ Հայ նախարարներ, որք Շապուհի ազդարարեցին, թէ Խոսրովի ընթացքը եւ ամենայն ցուցականութիւն նորա, ստութեամբ եւ ոչ ստուգութեամբ է (ՓԱՐ. 12): Շապուհ ախորժ ունկնդրութեամբ լսեց այդ տեղեկութիւնները եւ իսկոյն Խոսրովը հրաւիրեց Տիզբոն երթալ: Խոսրով չզգացեալ զբանսարկութիւն, նախ կը միամտի երթալ որպէս առ իւր իշխան եւ բարեկամ (ՓԱՐ. 12), բայց յետոյ կը կասկածի, եւ Յոյներէն օգնութիւն կը խնդրէ որ չերթայ, բայց ոչ զոք գտեալ ի սատարութիւն, եւ անկարացեալ ընդդիմանալ, կ՚որոշէ երթալ, առանց բարեկամական ձեւերը խանգարելու (ԽՈՐ. 241): Բայց ընդունելութիւնը բարեկամական չ՚ըլլար: Վռամ Դ. Կրման, որ յաջորդած էր Շապուհի, եւ որ առաջուց ալ Հայաստանի գործերով զբաղած էր, Խոսրովը թագաւորութենէն զրկեց, եւ Անյուշ բերդին մէջ բանտարկել տուաւ, իսկ թագաւորական ձեւակերպութիւնը խախտել չուզելով, Խոսրովի եղբայր Վաղարշը (ԱՐԾ. 75) թագաւոր անուանեց, փոխելով անոր Պահլաւիկ անունը, իր եւ իր հօր անուններով Վռամ-Շապուհ կոչեց(ՓԱՐ. 13), թէպէտեւ Ստահրաշապուհ անունով ալ յիշուած է ուրեք (ԵՂԻ. 7): Խոսրովի հետ բանտարկուեցաւ նաեւ Գազաւոն Կամսարական: Իսկ Շաւարշ Կամսարական եւ Պարգեւ Ամատունի, որոնք 700 հեծեալներով փորձած էին Խոսրովը ճամբէն դարձնել, նպատակնուն չյաջողեցան, Շաւարշ սպաննուեցաւ, եւ Պարգեւ գերի իյնալով մորթազերծ եղաւ, եւ մորթը տիկտեսակ գործեալ ուռուցմամբԽոսրովին ներկայացուցին (ԽՈՐ. 242): Այդ եղելութեանց թուական պէտք է դնել 389 տարին, որ էր Խոսրովի հինգերորդը (ԽՈՐ. 241):

185. ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱԼԸ

Այդ դարձուածներուն մէջ անհնար է Սահակը անմասն ենթադրել: Նա Խոսրովի առաջնորդելու իսկ կարողութիւնն ունէր, եւ քաղաքական գործերէ ալ ինքզինքը հեռու չէր պահեր, ուստի Պարսիկներու աչքին կասկածելի պիտի երեւար: Նոյնիսկ Խոսրովի վրայ գրուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ համարձակեցաւ անհրաման կարգել յեպիսկոպոսութիւն զմեծն Սահակ (ԽՈՐ. 241): Երբոր Խոսրով Տիզբոն տարուեցաւ, Պարսից արքունիքը ոչ զմեծն Սահակ եւ ոչ զոք ի նախարարացն կարգելոցն Խոսրովայ եթող, այլ վրդովեաց ի պատուոյ իւրաքանչիւր (ԽՈՐ. 241), որ է ըսել թէ Խոսրովի ուրիշ կարգադրութեանց հետ, Սահակի կաթողիկոսութիւնն ալ Պարսից տէրութեան աչքին իբրեւ չեղեալ նկատուեցաւ, այլ նոր կարգադրութիւն մը չեղաւ. եւ Սահակ ազգին կողմէն միշտ օրինաւոր հայրապետ ճանչցուեցաւ, մինչեւ որ գործերը կանոնաւոր ընթացք մը ստացան: Այդ արդիւնքն ալ Սահակ իր ձեռքով պատրաստեց, անձամբ Տիզբոն երթալով եւ երեսառերես Վռամ-Կրմանի հետ բանակցելով, Վռամշապուհէ ալ յանձնարարական տանելով: Շատ լաւ եւ շատ յաջող ընդունելութիւն գտաւ Սահակ Վռամի կողմէն, նախ որ կը պատկանէր քաջատոհմիկ ազգին Պահլաւկաց, եւ վերջին Սասանեան թագաւորներ պատուով նայած էին հին Արշակունի հարստութեան սերունդներուն, այլ մանաւանդ կ՚ըսէ պատմիչը, զի առաջի անհաւատից արգոյ եւ պատուական ցուցանէ Աստուած զծառայս իւր (ԽՈՐ. 242), որ է ըսել, թէ մեծ ազդեցութիւն գործեցին Վռամի վրայ Սահակի խոհական եւ քաղաքագէտ խորհուրդները: Վռամ իր գոհունակութիւնը յայտնեց զբնաւն կատարեալ խնդիրս Սահակի: Նախ եւ առաջ պետական վաւերացմամբ ճանչցուեցաւ նորա կաթողիկոսական պաշտօնը, յետոյ նորա փեսային Համազասպ Մամիկոնեանի` տրուեցաւ սպարապետութեան պաշտօնը, որ թափուր մնացած էր Սահակ Բագրատունիի մահուընէ ետքը, եւ Վռամշապուհ չէր համարձակած իւրովի անուանում ընել, յիշելով թէ սակս այսպիսի իրաց կրեաց վիշտս իր Խոսրով եղբայրը (ԽՈՐ. 242): Միանգամայն Մամիկոնեանց տոհմը բարձրացաւ ի հինգերորդ գահ նախարարացն Հայոց: Կամսարականներուն եւ Ամատունիներուն համար ներում ու գթութիւն ստացաւ, որոնք ազգատոհմով աքսորուած ու կողոպտուած էին Շաւարշի եւ Պարգեւի ընդդիմութեան համար: Խոսրովի բանտարկութեան դիւրութիւններ ու թուլութիւններ ձեռք ձգեց, տանելի վիճակի վերածելով Անյուշի բերդարգելութիւնը, բայց ամենէն աւելի Պարսից սիրտին մէջ վստահութիւն ներշնչեց Հայոց նկատմամբ, եւ Յունաց բաժնին հետ յարաբերութիւն պահելուն մէջ, առաւելապէս Պարսիկ արքունիքին օգուտ քաղելիք ըլլալուն համոզեց: Երկրին բարօրութեան համար ալ բարեգուշակ դիրք մը կազմելով, եւ փառաւոր յաղթանակով դարձաւ Հայաստան, Վռամի կողմէն պաշտօնական հրովարտակ մըն ալ բերելով Վռամշապուհի: Այս կերպով եւս քանզեւս աճեցաւ բոլոր ազգին մէջ` իր հանդէպ ցուցուած յարգանքն ու համակրանքը: Սահակի միջնորդութեամբ քաղցրացան Յունաց եւ Պարսից յարաբերութիւններն ալ, որով երկու արքունիքներուն մէջ տիրած էր խաղաղութիւն, եւ ինչ որ Խոսրովի համար յանցանք նկատուեցաւ, Վռամշապուհի ներուեցաւ ընել, երկոցունց թագաւորաց միանգամայն ծառայել, իւրաքանչիւր բաժնին հարկերը իրեն հովանաւորին տալով` Պարսիցը արքայից արքային, եւ Յունացը Բիւզանդիոյ կայսեր (ԽՈՐ. 244): Այդ ամէն յաջողութեանց լրումը պէտք է դնել Վռամշապուհի երկրորդ տարին, 390-ին:

186. ՄԱՇԹՈՑ ՄԵՍՐՈՊ

Ասկէ ետքը նոր եղելութեան մը յիշատակութիւնը չունինք, մինչեւ հայերէն այբուբէնին գիւտը կամ կազմութիւնը, որուն թուականը այլեւս ընդհանուր համաձայնութեամբ հաստատուած է 404-ին: Բաւական ընդարձակ ատեն մը, 15 տարիներու միջոց մըն է, որ առանց պատմութեան կը մնայ, սակայն սոյն այս լռութիւնը իր գերազանց պատմութիւնն է, որ խոհեմ եւ խաղաղաւէտ վարչութեամբ մը` Սահակ հայրապետ եւ Վռամշապուհ թագաւոր ձեռք ձեռքի տուած կրցան երկրին բարգաւաճման եւ զարգացման աշխատիլ: Շատ տարիներ անցած էին շարունակ շփոթութեանց եւ պատերազմաց եւ կործանմանց եւ քայքայմանց մէջ, եւ անհրաժեշտ էր որ ազգին շունչ առնելու միջոց մը շնորհուէր: Քաղաքական հաշտարար վարչութիւն մը եւ եկեղեցական ճշմարիտ հովուութիւն մը հետզհետէ պատրաստեցին ազգը այնպիսի մի մեծ յաջողութեան, որ նորա ապագային երաշխաւորութիւնը պիտի ըլլար, Հայ դպրութեան սկզբնաւորութեամբ: Այդ մեծ արդիւնքին գլուխ կանգնած է Սահակ, իրեն հովանաւոր ունենալով Վռամշապուհը, այլ իր անբաժան ընկերակիցը եւ հարազատ ամոլակիցն եղաւ Մեսրոպ, որուն նախընթացը պէտք է քաղենք, զինքը գործի վրայ տեսնելնէս առաջ: Նորա բուն անունն է Մաշթոց, հայրը Վարդան, ծննդավայրը Հացիկ գիւղ (24), Տարոն գաւառի մէջ, որով կը լինի Մամիկոնեան ազգի կամ ցեղի սերունդ, քանի որ արքունիքի մէջ պաշտօնավարութեամբը ռամիկ դասակարգէ չլինելն ալ կը վկայուի (25): Ներսէսի օրով աշակերտած է ժամանակին վարժարաններուն յոյն եւ ասորի դպրութեանց, եւ իր յաջողակութեան եւ թերեւս իր ազգատոհմին ալ շնորհիւ, արժանի եղած է Ներսէսի հաւատարիմ աշակերտներէն մէկն ըլլալ (26), որուն մահուան ատենն ալ մօտը գտնուողներէն եղած է (ՍՈՓ. Զ. 110): Այդ պարագային հնար չէ եղած 20 տարեկանէ պզտիկ ենթադրել, որով ծնունդը պէտք է նշանակել մերձաւորաբար 353-ին, 5 տարեկան պզտիկ Սահակէ, որուն ծնունդը դրինք 348-ին 180): Ներսէսի մահուընէն ետքը պետական ծառայութեան կը մտնէ, զինուորեալ ի դուռն Հայոց արքային (ՓԱՐ. 13), եւ Խոսրովի ատեն կը նշանակուի դրան արքունի քարտուղար (ԽՈՐ. 237), կարգեալ յերամ մատենագիր արքունի դպրացն (ՓԱՐ. 13), զոր իդէպ է իմանալ իբր յիշատակաց դպիր: Կը յիշուի եւ Առաւան ոմն, հազարապետ արքունեաց, որուն ձեռքին տակ գործի սկսած է Մաշթոց (ԿՈՐ. 14): Կորիւն հաշուով, Մեսրոպի եկեղեցականութեան մտնելէն մինչեւ գրոց գիւտը 10 տարուան միջոց մը պիտի նշանակուի (ԿՈՐ. 48), որով մինչեւ 394 արքունի ծառայութեան մէջ մնացած կ՚ըլլայ. ուստի 389-394 հնգամեան կ՚իյնայ Վռամշապուհի ատեն, եւ 384-389 հնգամեան Խոսրովի թագաւորութեան ներքեւ: Խոսրովին ծառայած ըլլալը յիշուած է Փարպեցիէն (ՓԱՐ. 13), եւ Վռամշապուհի ատեն գործէ քաշուած ըլլալը կը վկայուի Խորենացիէն (ԽՈՐ. 245). իսկ Ներսէսի մահուընէն մինչեւ Խոսրով, 373-384 տասնամեակին մէջ, Վարազդատ թագաւորի եւ Մանուէլ խնամակալի ալ ծառայած լինելը յայտնի յիշուած չէ: Մաշթոցի յաջողակութիւնը այնչափ էր, որ անոր արքունիքէն մեկնելէն ետքը, Վռամշապուհ ոչ զոք ի ճարտարաց գտանէր անդ ի դպրաց, որ կարենար անոր տեղը լեցնել (ԽՈՐ. 245): Սակայն Մաշթոց ի ծառայութիւն Աստուծոյ մարդասիրին դարձեալ, ամէն մեծութիւն եւ պաշտօն եւ աստիճան մէկդի կը թողուր, ի խաչակիր գունդն Քրիստոսի խառնէր, եւ անդէն վաղվաղակի ի միայնակեցական կարգ մտանէր (ԿՈՐ. 14): Բացատրուած ժամանակագրութեան համեմատ 394-ին Սահակ էր կաթողիկոսը, ուսումնական եւ գործունեայ միայնակեցութեան առաջնորդը, հետեւապէս անոր օրինակն էր որ Մաշթոցն ալ կ՚ոգեւորէր, եւ անոր էր որ կը դիմէր Մաշթոց իր նոր կոչումը նուիրագործելու եւ արդիւնաւորելու: Սահակի եւ Մաշթոցի մերձաւոր տարիքը, եւ երկուքին ալ Տարոնի մէջ մանկութիւննին անցուցած լինելը, իբր հին ծանօթներ կը ներկայացնեն մեզ այս երկու երանելիները, եւ հարկաւ Սահակ` նախատեսելով Մաշթոցի յուսալից ապագան, թէ ոչ յորդորած, գոնէ ուրախութեամբ ընդունած է արքունական դիւանի ճարտար դպիրին եկեղեցական կոչման մտնելը (27):

187. ՄԵՍՐՈՊԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Մաշթոց 394-ին եկեղեցականութեան նուիրուած ատեն, 40 տարեկան, աշխարհքի փորձառու, գործունէութեան մէջ եփած, զարգացեալ եւ ճարտար անձ մըն էր, որ ոգեւորութեան բուռն թափով մը իր նոր կոչումին կը նուիրուէր: Մաշթոցի տրուած Մեսրոպ անունը, որ պատմութեան մէջ նախընթաց չունի, շատերէն իբրեւ Մար Սերոբ կամ Տէր Սերոբէ ստուգաբանուած է, եւ այդ ենթադրութեամբ հնար է ըսել, թէ եկեղեցական ձեռնադրութեան մէջ անունի փոփոխութիւն ունեցած է (28): Միջոց մը նոր կոչումին փորձառութիւնը լրացնելէն, եւ հոգեւորական վարժութեանց եւ վանական կեանքի պայմաններուն ընտելանալէն ետքը, ինքն ալ, իր հնագոյն ընկերներուն նման գործնական աշխատութեանց կը ձեռնարկէր, եւ գտեալ եւս զոմանս յինքն յարեցուցանէր աշակերտեալ, եւ անոնց հետ կ՚երթար Գողթն գաւառը, յանկարգ եւ յանդարման տեղիս (ԿՈՐ. 15), ուր կար տակաւին զօղեալ աղանդն հեթանոսական, անդստին Տրդատի օրերէն անմատոյց լեռներու մէջ պահուըտած: Թէպէտեւ ընդհանուր առմամբ իբր բուն հեթանոսութեան հետքեր կարծուած են այդ աղանդաւորները, այլ աւելի յարմարագոյն կը կարծենք Բորբորիտոն աղանդաւորներու վրայ իմանալ, ինչպէս ստորեւ ալ պիտի տեսնենք: Մեսրոպ մեծապէս օգտուեցաւ Գողթան բարեպաշտ իշխանին Շաբիթի (29) օգնութենէն, եւ յաջողեցաւ գրեթէ անհետ ընել այդ տգեղ մնացորդները, եւ բոլոր Սիւնեաց ու Վասպուրականի սահմանակցութեան գաւառներուն մէջ կը տարածէր իր քարոզութիւնները: Որովհետեւ աստուածային ուսմանց առաջին աղբիւրը Ս. Գիրքն է, անոր վրայ դրած էր Մեսրոպ իր մտադրութիւնը, եւ կ՚աշխատէր զայն ընտելացնել հաւատացեալներուն, հատուածներ կարդալով ասորի բնագիրի վրայ, եւ բերանացի թարգմանելով կարդացածը: Բայց եթէ պատահէր որ այլ ոք ընթեռնոյր, ուր նա ոչ հանդիպէր, ընթերցումէ օգուտ մը քաղել անհնար կ՚ըլլար, որովհետեւ կարդացուածը զանխուլ ի ժողովրդոց լինէր (ԽՈՐ. 238): Այդ տխուր կացութեան նկարագիրը արժան է Փարպեցիէն լսել, որ եթէ իր երիտասարդութեան ատեն չհասաւ անձնական փորձառութեամբ գրածը զգալ, սակայն ականատեսներուն եւ տառապողներուն բերնէն լսեց ամենայն մանրամասնութեամբ: Սուրբ Գիրքը հասկնալու փափաքողներ, կ՚ըսէ, բազում թոշակօք եւ հեռագնաց ճանապարհօք եւ բազմաժամանակեայ դեգերմամբ պարտաւոր էին ասորի դպրոցներ երթալ: Եկեղեցւոյ պաշտամունք եւ կարդացմունք ալ ասորի ուսմամբ կ՚ըլլային (ՓԱՐ. 13), վասնզի Պարսիկներ իրենց բաժնին մէջ յունարէնի ուսումն ալ արգելած էին, եւ միայն ասորին կը ներէին, քրիստոնէական պաշտամանց համար (ՍՈՓ. ԺԱ. 13), ուսում մը, յորմէ ոչինչ էին կարող լսել եւ օգտիլ ժողովուրդքն, եւ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներ մեծ աշխատութեան կը պարտաւորուէին թարգմանութեանց համար: Այդ նպատակով երկու նոր դասակարգեր կազմուած էին եկեղեցական պաշտամանց համար, Վերծանող` որ օտար լեզուով գիրքերը կարդալու վարժութիւն ունեցողներէ կը կազմուէր, եւ Թարգմանիչ` որ օտար լեզուով գիրքերը բերանացի եւ առետեղ ժողովուրդին կը թարգմանէին: Ասոր վրայ աւելցուի որ հաւատացելոց ձեռքն ալ մնայուն բան մը չէր մնար, իր բնական եւ մայրենի լեզուով գրուած, եւ հնար չէր որ ժողովուրդ մը ամբողջ` օտարի լեզուի հմտութիւն ունենար: Ինչ որ Մեսրոպ իր փորձառութեամբ կը զգար, նորութիւն մը չէր, Լուսաւորիչի օրէն այդ դժուարութիւնը կար, եւ դար մը ամբողջ այդ կերպ վարուած էր Հայ Եկեղեցին, սակայն արքունական քարտուղարութենէ եկած պաշտօնէի մը պահուած էր` խորապէս զգածուիլ այդ տարօրինակ կացութենէն, եւ փղձկացեալ հոգալ, թէ ինչո՞ւ հնար պիտի չըլլայ ինքեան ձայնիւ եւ ոչ մուրացածոյ բարբառով, մայրենի լեզուով եւ ոչ օտարի լեզուով շահիլ զոգիս արանց եւ կանանց առհասարակ յամենայն եկեղեցիս (ՓԱՐ. 14): Ահաւասիկ Հայ գիրի գիւտին եւ Հայ դպրութեան սկսելուն բուն եւ ներքին շարժառիթը:

188. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐՔ

Այդ խորհուրդներով տարակուսած ու տագնապած միջոցին, Մեսրոպ կը լսէ թէ գոն նշանագիրք հայերէն լեզուոյս (ՓԱՐ. 14), եւ լուրը ստուգելու եւ անկէ գործնականապէս օգտուելու համար, կը փութայ գալ կաթողիկոսական աթոռը, եւ իր միտքն ու լսածը կը հաղորդէ հայրապետին, զոր պատրաստական գտանէր նմին փութոյ հաւանեալ (ԿՈՐ. 16): Հարկաւ Սահակ ալ իր կողմէն զգացած եւ զգածուած էր նոյն մտածումներով, եւ ո՞վ գիտէ քանիցս կերպեր ալ մտածած էր այդ կացութենէն ելլելու: Բայց Մեսրոպին բերած լուրը նոր յուսոյ դուռ մըն էր, ուստի երկուքը մէկտեղ Վռամշապուհի կը ներկայանան, որպէսզի իր իշխանական հովանաւորութեամբ եւ միջոցներով Հայ տառերը երեւան բերէ: Այդ գործը, կ՚ըսեն, շատ աւելի առյապայսն բերէ քեզ շահ, յիշատակ անմոռաց եւ օգուտ երկնաւոր վայելից, քան զիշխանութիւն թագաւորութեանդ քո (ՓԱՐ. 14), ինչ որ կը ցուցնէ թէ Սահակ եւ Մեսրոպ լաւ զգացած էին ձեռնարկուած գործին հիմնական կարեւորութիւնը: Վռամշապուհ ոչ նուազ գիտակ գործին կարեւորութեան, եւ կատարելապէս համոզուած Հայ գիրի մը անհրաժեշտ հարկին վրայ, կը պատմէ, թէ իրօք ինքն ալ Միջագետք եղած ատեն լսած է, թէ Դանիէլ անուն ասորի եպիսկոպոս մը ունեցած է նշանագիրս աղփաբետաց հայերէն լեզուի (ԿՈՐ. 17), եւ թէ Հաբէլ անունով քահանայ մըն ալ, Դանիէլ եպիսկոպոսին մերձաւորներէն, Վռամշապուհի ներկայացած, եւ խոստացած է հայկականացս լեզուաց առնել նշանագիր յարմարեալ ի Դանիէլէ եպիսկոպոսէ (ԽՈՐ. 245): Հայ գիրերուն գիւտին համար եղած առաջին շարժումին թուականը ճշդելու, պիտի ծառայէ մեզի Վռամշապուհի Միջագետք երթալը: Խորենացի կ՚ըսէ, թէ այդ ուղեւորութիւնը տեղի ունեցաւ Վռամի հրամանով, որպէսզի Պարսիկ եւ Յոյն գունդերու մէջ եղած թշնամութիւնները խաղաղեցնէ, եւ թէ այդ շփոթութիւնները տեղի ունեցան, երբ Բիւզանդիոյ մէջ ալ յաղագս Մեծին Յովհաննու Ոսկեբերանի շփոթեալ լինէր թագաւորութիւն Յունաց, եւ զօրքն ընդ միմիանս պատերազմէին (ԽՈՐ. 245): Այդ 402-ին էր Յոյն եւ Գոթացի զօրավարներուն բաղխումը Բիւզանդիոնի մէջ, եւ 403-ին Ոսկեբերանի դէմ հալածանքները եւ աքսորելու ճիգերը, որով Վռամշապուհի երթալն ալ 402-ին կրնանք դնել, եւ 403-էն ետքին չենք կրնար յապաղել Միջագետքէ դառնալը, այնպէս որ ուղեւորութենէ նոր դառնալու առիթով տուած կ՚ըլլայ Հաբէլի եւ Դանիէլի մասին տեղեկութիւնները, զի չէր ալ կրնար այսպէս կարեւոր լուր մը պահած կամ մոռցած ըլլալ: Արդէն Խորենացին ալ կ՚ակնարկէ թէ Վռամշապուհ Միջագետքէ դառնալով` տեսաւ որ Սահակ եւ Մեսրոպ ալ գիրերու խնդիրով կը զբաղէին (ԽՈՐ. 245): Ըստ այսմ կրնանք 403 տարին ընդունիլ, իբր սկիզբն Հայ գիրի գիւտին համար եղած ճիգերուն:

189. ՆՇԱՆԱԳԻՐԵՐՈՒՆ ԵՏԵՒԷՆ

Մեսրոպի տուած լուրը` Վռամշապուհի բերած տեղեկութիւններով զօրացած, ամէնքը քաջալերեց լրջօրէն գործի ձեռնարկել, եւ որոշուեցաւ յարմարագոյն անձ մը ղրկել, որպէսզի այդ նշանագիրք հայերէն լեզուոյ, կամ այդ նշանագրութիւնք յարմարեալ ի Դանիէլէ եպիսկոպոսէ, կամ թէ այդ վաղնջուց գտեալ նշանագիր տառից (ԽՈՐ. 245), ինչ ալ ըլլայ, երեւան գան եւ կենսական պէտքը հոգացուի: Վռամշապուհ այդ պաշտօնին նշանակեց զայր մի պատուական եւ հաւատարիմ իւր, Խադունի ազգաւ, Վահրիճ անուն, յոյժ փափաքող նորին գործոյ (ԽՈՐ. 245): Գործին կարեւորութիւնը կը կազմէ Վահրիճի արժանիքին փաստը, որուն անունը ոչ առաջուց է լսուած, եւ ոչ յետոյ կրկնուած, որպէսզի վրան աւելի տեղեկութիւն ունենայինք: Մեր տեսութեամբ Սահակի կամ Մեսրոպի աշակերտութենէն մէկ մը չ՚երեւար, այլ թագաւորական դիւանի պաշտօնեաներէն գլխաւոր մը, օտար լեզուաց ալ հմուտ, որ թագաւորին ալ ընկերացած լինելով, առիթ ունեցած էր Հաբէլի հետ տեսակցիլ, գործով ալ հետաքրքրուիլ, եւ իբրեւ տեղւոյն եւ անձերուն ծանօթ` կրնար գործին ելքը դիւրացնել: Վահրիճ թագաւորական հրովարտակով նորէն Միջագետք մեկնեցաւ, մինչ այստեղ ամէնքը պէտք եղած նախապատրաստութեանց հոգածութեամբ կը զբաղէին: Սահակ կը քաջալերէր Մեսրոպը, թէ երբ տառերը կը հասնին, կրնայ նա անոնց ուսման ձեռնարկել, իրեն հետ առնելով ուսեալ քահանաներ, զորս Սահակ ինք ցոյց պիտի տայ, աւելցնելով ալ թէ ուր տկարանայք ի կարգել զհեգենայսն, բերեալ առ իս ուղղեմ զայն, որովհետեւ, կ՚ըսէ, այլեւս յոյժ դիւրին է գիւտ իրացդ զոր հայցես (ՓԱՐ. 14): Միւս կողմանէ Սահակ եւ Մեսրոպ յատկապէս ժողովեալ էին զամենայն եպիսկոպոսունս (ԽՈՐ. 245), եւ նոր գիրին եւ ազգային դպրութեան տարածման համար միջոցները կարգադրելու, եւ որչափ հնար է շուտով զայն ընդարձակելու եւ ժողովրդական դարձնելու համար կը խորհէին: Մինչ այսպէս Հայաստանի մէջ պէտք եղած պատրաստութիւնները կը տեսնուէին, Վահրիճ հասաւ Միջագետք, գտաւ Հաբէլ քահանան, եւ միասին դիմեցին Դանիէլ եպիսկոպոսի, չենք գիտեր ո'ր քաղաքը, եւ հաւանեցուցին զայն, ո~վ գիտէ ինչ պայմաններով, որպէսզի իր մօտ գտնուող ծածկեալ գանձը երեւան հանէ եւ իրենց հաղորդէ, եւ սորվեցնէ այդ անծանօթ գիրերուն ձեւն ու ձայնը ու կիրառութիւնը: Միջոց մը մնացին Դանիէլի մօտ, մինչեւ որ քաջ հմտացեալ ըլլան այդ անծանօթ գրչութեան: Եւ երբոր կարծեցին թէ ինչ որ եւ ինչչափ որ պէտք է` ստացած են, Վահրիճ ու Հաբէլ միասին Հայաստան դարձան, եւ եկեալ ետուն ցմեծն Սահակ եւ Մեսրոպ (ԽՈՐ. 246) զյանկարծագիւտն(ԿՈՐ. 17): Այդ առաջին յաջողութեան թուական կը նշանակենք 404 տարին, եւ այս է որ իբր Հայոց գիրի գիւտ ընդունուած է այժմ քննադատներուն եւ հետաքննիններուն կողմէ, թէպէտեւ այն Հայ այբուբէնին կատարեալ կազմութիւնը չէր (30):

190. ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐԵՐԸ

Բայց ի՞նչ էին Դանիէլեան նշանագիրերը, որք իբրեւ բարեբախտ գիւտ մը ողջունուեցան այն ատեն: Շատ տեսակ ենթադրութիւններ եղած են շատերուն կողմէ, առանց կարենալու վերջնական հաստատուն կռուանի մը վրայ հանգչելու, քանի որ սկզբնական պատմիչներէն ոչ մէկը գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չէ դրած: Ոմանց համար հին Հայ տառեր էին` որք մոռացութեան մատնուած էին, ուրիշներուն համար հին փիւնիկեան տառեր էին, գործածութենէ ինկած, ըստ այլոց Դանիէլէ յարմարցուած նորահնար ձեւեր էին ասորերէնի հետեւողութեամբ: Խորենացին կ՚ըսէ թէ նշանագիրեր էին կարգեալ ըստ ձեւոյ յունականին` զվաղնջուց գտեալ նշանագիր տառից (ԽՈՐ. 245), որ առեղծուածի պէս անմեկնելի կը մնայ: Իսկ Փարպեցին աւելի յստակ կերպով կ՚ըսէ, թէ Մեսրոպին ըրածն էր`կարգել զվաղընջուցն գրեալ շարագիրս տառիցն, զորս ոչ ուրուք էր հոգացեալ արկանել ի կիր (ՓԱՐ. 16): Իբր թէ ըսէր, թէ հինէն մնացած եւ անգործածական թողուած տառեր կային, զորս Մեսրոպ յունական ալփաբետի առաջնորդութեամբ` կարգի կանոնի վերածեց: Բայց քանի որ մենք պատմութեան միայն կը հետեւինք, բանասիրական խնդիրներու մէջ ընդարձակուիլը գրագէտներու կը թողունք: Բայց ինչ ալ ըլլայ այդ մասին ստուգութիւնը, Դանիէլեան նշանագիրները Հայ դպրութեան սկզբնաւորութիւնը նուիրագործեցին:

191. ՄԵՍՐՈՊԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Նորագիւտ տառերուն յայտնութեան վրայ Մեսրոպի յանձնուեցաւ անոր ուսումն ու ուսուցչութիւնը, թագաւորին հրամանով դպրոցներ բացուեցան, եւ Սահակի ու Մեսրոպի ձեռնասուններ նախ եւ առաջ իրենք վարժուելով, ապա դպրոցներու մէջ մատաղ տղայոց կ՚ուսուցանէին, եւ հրաման կը տրուէր ամենայն ուրեք նովին կրթել Հայ աշակերտութիւնը (ԿՈՐ. 17), մէկդի թողլով այլեւս ասորի լեզուի եւ դպրութեան ուսուցումը: Իբրեւ ամս երկու կարգեալ զվարդապետութիւն իւր, նովին նշանագրովք տանէր Մեսրոպ հայերէնի ուսուցումը (ԿՈՐ. 19), բայց այսպէս զամս սակաւս փորձառութենէ եւ շարունակ կատարելագործելու ճիգերէն ետքը կը համոզուէր, ոչ լինել բաւական այնու նշանագրօք ստոյգ հոլովել զհեգենայ բառից հայկականաց, եւ ոչ ալ հագներգաբար հնչել մուրացածոյիան այնոսիկ գծագրութեամբ (ԽՈՐ. 246): Խնդիրը վերջնական կերպով Սահակի կը ներկայացուէր, որ քայլ առ քայլ հետեւող էր եղած նոր ուսման ընթացքին: Վռամշապուհ ալ կը մասնակցէր պէտք եղածը հրամայելու, եւ համաձայն խորհրդով կ՚որոշուէր, որ նորագիւտ նշանագիրները կատարելագործելու եւ ըստ ամենայնի հայերէն բառերու հնչիւններուն յարմարցնելու համար նոյնինքն Մեսրոպ իջնէ Միջագետք, տեսնէ Դանիէլ Ասորին, Պղատոն Եդեսացին եւ Եպիփան Սամոստացին, ժամանակին նշանաւոր գիտնականները, եւ անոնց հետ խորհրդակցելով, վերջնական եւ կատարելագործեալ նշանագիրներ պատրաստէ: Ըստ այսմ Մեսրոպ իրեն հետ կ՚առնէր դաս մի մանկտւոյ, այսինքն իրեն յաջողագոյն աշակերտներէն մէկ քանին, որոնցմէ կը յիշուին Յովհան Եկեղեցացին եւ Յովսէփ Պաղնացին (ԿՈՐ. 19), եւ պէտք է յիշել անոնց ընկերակիցներն ալ, Տիրայր Խորձենացին եւ Մուշէ Տարոնեցին (ՓԱՐ. 15): Առաջին այցելութիւնը կու տան Դանիէլի, բայց աւելի լոյս մը չեն ստանար, եւ Ամիդի Ակակիոս եպիսկոպոսի պաշտպանութեամբ կ՚անցնին Եդեսիա, բայց Պղատոն ալ Եպիփանի դիմելու խորհուրդէն աւելի լոյս մը չի կրնար տալ: Եդեսիոյ Բաբելաս (31) եպիսկոպոսի օգնութեամբ կու գան Սամոսատ (32), այլ Եպիփանը վախճանած գտնելով անոր աշակերտ Հռոփանոսի հետ կը բանակցին: Բայց յայսմ եւս անշահ մնացեալ, իբրեւ վերջին ապաւէն Մեսրոպ յաղօթս ապաւինի, եւ տեսանէ ոչ ի քուն երազ, եւ ոչ յարթնութեան տեսիլ, այլ ի սրտին գործարանի երեւութացեալ հոգւոյն աչաց, թաթ ձեռին աջոյ, գրելով ի վերայ վիմի Ա. Ե. Է. Ը. Ի. Ո. Ւ. (ԽՈՐ. 247) (33): Այսպէս պարզօրէն կը կարդանք Խորենացիի մէջ, զոր քիչ մը մթին կերպով ըսած էր Կորիւն. որում պարգեւէր իսկ վիճակ յամենաշնորհողէն Աստուծոյ, հայրական չափուն ծնեալ ծնունդս նորոգ եւ սքանչելի սուրբ աջովն իւրով, նշանագիրս հայերէն լեզուին (ԿՈՐ. 19): Մինչ ուրիշ գրուած մը, նոյնպէս Կորիւնի ընծայուած, միեւնոյն Խորենացիին բացատրութիւններն ունի, առանց եօթը տառերու նշանակութեան (ՍՈՓ. ԺԱ. 10): Ասոնք են հայերէն այբուբէնի լրացեալ կազմութեան համար` պատմութեան տուած տեղեկութիւնները, նկատողութեան արժանի լինելով որ Փարպեցին զանց կ՚ընէ բոլորովին Մեսրոպի շրջագայութիւնն ալ, աստուածային տեսիլն ալ: Ոմանք Փարպեցիին վրայ հիմնուելով, բոլորովին իսկ կ՚ուզեն հերքել այդ վերջին եղելութեանց ստուգութիւնը, մինչ Կորիւն, որ Փարպեցիին ալ աղբիւրն է (ՓԱՐ. 13), թէ շրջագայութիւնները կը պատմէ եւ թէ ամենաշնորհողին Աստուծոյ սքանչելի սուրբ աջ-ին կ՚ակնարկէ: Ազգային աւանդական հաւատքն ալ սաստիկ փարած է այդ տեսիլքին, եւ Հայուն համար անխախտ զգացում դարձած է, իր այբուբէնին երկնային ծագում ունեցած լինելը (34):

192. ՏԱՌԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Մենք պատմագիրի յատուկ շրջանին մէջ փակուելով, եւ բանասէրի հովեր առնել չուզելով, չենք ուզեր մերժել առաջին Դանիէլեան նշանագիրին անբաւականութիւնը, եւ ոչ ալ հերքել Մեսրոպի շրջագայութեանց եւ վերջնական յաջողութեան պատմութիւնը: Աստուածային տեսիլքին պատմութիւնը բնաւ դժուարութեան տեղի չի կրնար տալ, քանի որ գիտենք թէ մեր երանաշնորհ Հայրերը առանց Աստուծոյ եւ առանց աղօթքի գործի մը ձեռնամուխ չէին ըլլար, եւ ամէն յաջողութիւն եւ անակնկալ բարեդիպութիւն ուղղակի աստուածային աջոյն անմիջական ներգործութեան կը վերագրէին: Մեսրոպ ալ որ շարունակ աղօթքէ չէր դադարած, ուրիշ կերպով չէր կրնար մեկնել իր վերջնական յաջողութիւնը: Այլ թէ ինչ էր Մեսրոպի բուն յաջողութիւնը, նորէն մութ կը մնայ պատմական յիշատակներու մէջ: Դանիէլեան նշանագիրերը, ասորական կամ սեմական աղբիւրէ բխած, առանց ձայնաւորի այբուբէն մը եղած պէտք է ըլլային, մինչ Սահակ ու Մեսրոպ յունական դպրութեանց հմուտ անձեր, հարկաւ արեւմտեան յունալատին այբուբէնի դրութեամբ ձայնաւորներով լրացեալ տառեր կը հետամտէին կազմել: Եւ եթէ Խորենացիին պատմութեան համեմատ, երկնային աջը եօթը ձայնաւոր տառեր միայն գրած է, եղածը պարզապէս անձայնաւոր այբուբէնը ձայնաւորներով լրացնելու արդիւնքն է: Դիտուելու արժանի կէտեր են, որ տեսիլքը պատմողներուն կարծիքով, Մեսրոպ տեսիլքէն ետքն ալ Հռոփանոսի հետ աշխատեցաւ, կերպաձեւեալ զգիրն, եւ փոխադրելով զհայերէն աթութայսն ըստ անսայթաքութեան սիւղոբայից Հելլենացւոց (ԽՈՐ. 247), եւ զամենայն ընտրութիւնս նշանագրոյն, զնրբագոյնսն, զկարճն եւ զերկայնն, զառանձինն եւ զկրկնաւորն, միանգամայն յօրինեալ եւ յանկուցեալ (ԿՈՐ. 19): Ըստ այսմ գիրերուն լրանալէն ետքն ալ Հռոփանոսի օգնութեամբ նախ տառերուն ձեւը կը կոկեն, յետոյ տառերը յունարէնի կարգին կը վերածեն, եւ վերջապէս առոգանութեան շեշտերը կը ճշդեն (35):

193. ՍԱՀԱԿԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Փարպեցին այդ աշխատութիւնները Սահակի կը վերագրէ ամբողջապէս եւ ուղղակի, թէ նա եղաւ Հաբէլի բերած Դանիէլեան նշանագիրները պատշաճեցնողը: Իրաւ նախ Մեսրոպ էր, որհանդիպեցուցանէր զհայերէն աթութայսն ըստ կարգման սելովբայիցն Յունաց, բայց ինքն չէր կրնար վերջնական հեղինակութեամբ որոշում տալ, այլ կը գործէր ստէպ հարցմամբ եւ ուսանելով ի սուրբ կաթողիկոսէն Սահակայ զաթութայիցն գաղափար, ըստ անսայթաքութեան Յունին: Մեսրոպ եւ իր ընկերները որչափ ալ աշխատէին, ոչ լինէին բաւական ի վճարել անսխալ ուղղակի, առանց առաջնորդելոյ նոցա սրբոյ հայրապետին Սահակայ: Պէտք է ուրեմն ըսել, թէ ինչ որ Մեսրոպ իր շրջագայութեանց մէջ կրցաւ ստանալ, յաջողութիւնը զոր ձեռք ձգեց, խորհուրդները զորս Հռոփանոսէ ստացաւ, ամէնքն ալ ժողվեց բերաւ եւ Սահակի գերագոյն դատաստանին ենթարկեց, եւ Սահակի ցուցուցած ուղղութիւններով, եւ տւած կատարելագործութիւններովն է, որ հայերէն այբուբէնը իր վերջնական թիւն ու կարգը, ձեւն ու հեգենան ստացաւ, եւ գերագոյն հեղինակութեամբ հաստատուեցաւ: Դանիէլեան նշանագիրները, որոնք ասորական ծագում եւ անձայնաւոր դրութիւն ունէին, հիմնովին փոխուեցան եւ փոխադրուեցան, նոր կարգաւորութիւն ստացան յունական ալփաբետին հետեւողութեամբ, բայց միջանկեալ յաւելուածներով, որպէսզի բաւական ըլլան հայերէն լեզուին բոլոր հնչիւններուն համապատասխանել, քանի որ հայերէնի հնչիւնները շատ աւելի ձայներ ունէին, որոնք յունարէնի մէջ չէին գտնուեր, մանաւանդ բաղաձայններու շարքին (36): Այս կերպով հայերէն այբուբէնը 36 տառերու նշանաւոր թիւին հասած եղաւ. հին ծանօթ լեզուներու բոլորէն ալ աւելի տառերով, բայց եւ ամէն հնչիւնները դիւրաւ արտաբերելու առաւելութեամբ: Գիրի գիւտին պատմութիւնը լրացնելու համար պիտի աւելցնենք թէ պատմագիրներէ քաղուած տարբեր նշանակութիւններով 404 եւ 405 եւ 406 թւականները կը կազմուին, եւ մենք Կորիւնի ամենէն նշանաւոր խօսքովը, Մեսրոպի մահէն, կամ 439-էն 35 տարի առաջ` 404-ին նշանակեցինք առաջին գիւտը: Բայց նոյն տեղ (ԿՈՐ. 48) Յազկերտի 8-րդ տարին ալ յիշուած է, Յազկերտ ալ 399-ին թագաւորած լինելով 406 թուականը կը ստացուի: Այս ալ նոյնպէս ընդունելի կրնայ ըլլալ, մեկնելով ամս երկու անկատար այբուբէնով աշխատած միջոցին վրայ (ԿՈՐ. 18), որով 404-ին գտնուած այբուբէնը, 406-ին լրացած եւ կատարելագործուած ըլլալը ընդունած կ՚ըլլանք: Փարպեցիի եւ Կորիւնի տուած թուականները իրար չեն բռներ, նոյնիսկ միեւնոյն հեղինակին տուած թուականներուն մէջ տարբերութիւններ կան. բայց մենք չենք կրնար հետեւիլ` բայց եթէ գլխաւոր թիւերուն, եւ մնացեալները պատահական սխալմանց եւ գրչագիրներու աղաւաղութեանց պէտք է վերագրել: Օրինակի համար Կորիւն Մեսրոպի ուղեւորութիւնը կը դնէ Վռամշապուհի հինգերորդ տարին (ԿՈՐ. 18), եւ դարձը վեցերորդ տարին (ԿՈՐ. 30), մինչ առաջ Վահրիճի երթալն ալ Վռամշապուհի հինգերորդ տարին դրած էր (ԿՈՐ. 17), եւ երկու ուղեւորութեանց մէջ ամս երկու անցած ըլլալը վկայած էր (ԿՈՐ. 17): Թուականներու յարմարութեանց համար աւելի երկարելը ձանձրալի կրնայ դառնալ:

194. ՆՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Գիրի վերջնական կազմութենէն ետքը, նոր զարկ տրուեցաւ ազգային դպրութեան եւ ազգային դաստիարակութեան: Սահակի կաթողիկոսութենէն առաջ կազմուած 60 աշակերտներուն, աւելցան Մեսրոպի հասուցած 40 աշակերտներն ալ (ՍՈՓ. Բ. 9), որք առհասարակ Թարգմանիչ անունով ճանչցուած էին, եւ եկեղեցական թարգմանութեանց պաշտօն կը վարէին: Ասոնք արդէն գործի վարժ անձեր, շուտով իւրացուցին Հայ դպրութեան սկզբունքները, եւ եղան իրենց կարգին ազգային դաստիարակութեան ուսուցիչներ եւ տարածողներ, սփռուելով Հայաստան աշխարհի ամէն կողմերը, պարփակուելով գլխաւորապէս Պարսկական բաժնին մէջ: Նկատողութեան արժանի է որ նոր դպրութեան ծագումն ու տարածումը ոչ մի դիտողութեան առիթ չտուաւ` տիրապետող Պարսիկ կառավարութեան կողմէն, քանի որ արդիւնքը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ ասորի դպրութեան տեղ հայը անցնել քրիստոնէական շրջանակի մէջ: Մանաւանդ թէ նոր ազգային դպրութեան հոգին եւս քան զեւս Հայերը կը հեռացնէր յունական մերձաւորութենէ եւ ազդեցութենէ, եւ յունականէ անկախ Հայ ինքնութիւն մը կ՚ամրացնէր, ինչ որ նպաստաւոր էր պարսկական քաղաքականութեան: Երբոր Հայը կ՚ազատէր ասորական խաղտախուղտ կոշտութենէն եւ յունական ծեքածուռ ծեթեւեթէն (ՍՈՓ. Բ. 11), Պարսիկը կը նկատէր անոր անջատումը միւս քրիտոնեաներէն, եւ ուրախ պիտի ըլլար փոփոխ յարաբերութեանց նուազելուն վրայ: Թէ որչափ տարածուեցան Հայ դպրոցները, եւ թէ որչափ ատենի մէջ ինչ զարգացում կրցան ստանալ, դժուարին է ճշդիւ որոշել, բայց նկատի առնելով Սահակի եւ Մեսրոպի եւ Վռամշապուհի եռանդուն գործունէութիւնը, կրնանք ամէն հնարաւոր յառաջադիմութիւն ազատաբար ենթադրել: Թէպէտեւ առաջին սկզբնաւորութիւնը Վաղարշապատէն սկսաւ, վասնզի ի կայս թագաւորացն եւ քահանայապետացն բղխեցին Հայոց շնորհք (ԿՈՐ. 23), սակայն ամէն կողմ ալ նոյն շնորհքը ցրուեցաւ, եւ երանելի եւ ցանկալի աշխարհս Հայոց, անպայման սքանչելի լինէր (ԿՈՐ. 22): Ի կողմանս, ի գաւառս, ի տեղիս Հայաստան ազգին, դասդաս շատցուցին զաշակերտեալս, եւ ամէն հայ` հանդերձ ամենայն ազատագունդ բանակիւն` սկսաւ վայելել նոր դպրութեան արդիւնքը: Ազատորեարին մէջէն աւելի փութաջան գտնուեցաւ Մամիկոնեան տունը, Սահակի խնամի եւ Մեսրոպի ազգակից տոհմը, եւ առաջին Հայ գիր սորվողներուն մէջ առանձինն յանուանէ կը յիշատակուի Սահակի սիրասուն թոռնիկը, Սահականոյշի անդրանիկը` Վարդան (ԿՈՐ. 23), Աւարայրի ապագայ առաքինիներուն նորահրաշ զօրագլուխը:

195. ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Գիրքը եղած էր գիրի գիւտին շարժառիթը, Սուրբ Գիրքը պէտք էր ըլլար անոր նախընծայ երախայրիքն ալ: Կորիւն այնպէս իմն կը ցուցնէ թէ նոյնիսկ Սամոսատի մէջ Մեսրոպ ձեռնարկեց Ս. Գիրքին թարգմանութեան, Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի օգնութեամբ, եւ թէ թարգմանութիւն ալ գրեցաւ ձեռամբն այնորիկ գրչի, այսինքն Հռոփանոսի (ԿՈՐ. 29) եւ թէ առաջին թարգմանած կտորը Առակաց գիրքն էր: Նոյն բանը Խորենացի ալ կը յիշէ, մինչեւ իսկ անոնց թարգմանել կու տայ զքսաներկու յայտնիսս եւ զնոր կտակս (ԽՈՐ. 247): Բայց մենք կը կարծենք, որ ոչ այբուբէնի առաջին թերի կազմութեան ատեն Ս. Գիրքէն բան մը թարգմանուած չըլլայ, եւ ոչ ալ Սամոսատի մէջ կանոնաւոր թարգմանութիւն լրացնել հնարաւոր եղած ըլլայ: Հաւանաբար ուզած են միայն նորոգ կազմակերպութեան արդիւնքը փորձել, ինչ որ բնական էր, եւ Առակաց գիրքին թարգմանութիւնն են ըրած: Ըստ այսմ Խորենացիին յիշատակած ամբողջ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, Սամոսատի մէջ եղածէն պէտք է զատել, եւ ընդհանուր կերպով գիրի գիւտէն յառաջ եկած արդիւնքի պէս իմանալ: Աւելի որոշ պարագաներով կը պատմէ Փարպեցին Ս. Գրոց թարգմանութեան գործը: Երանելին Մաշտոց, կ՚ըսէ, եւ որ ընդ նմա պատուական քահանայքն էին, չէին համարձակիր այդպիսի ծանր գործի մը ձեռնարկել, որ էր թարգմանել գիրս ի յոյն լեզուոյն ի հայ բարբառս, վասնզի յունարէնի գիտնապէս տեղեակ չէին, անոր համար թագաւորն ալ, նախարարներն ալ իրենց հետ առնելով եկան Սահակէ խնդրել, որ հաճի արկանել զանձն յաշխատութիւն հոգեւոր, եւ թարգմանել զաստուածաշունչ կտակարանս ի յոյն լեզուոյ ի հայ բարբառս: Սահակի դիմողներ շատ մը համոզկեր բացատրութիւններ ալ կ՚աւելցնեն, եւ կը հասնին ըսել, թէ Ս. Գիրքի թարգմանութեամբ, Լուսաւորչին ըրածին հաւասար բարիք մը պիտի ընէ ազգին (ՓԱՐ. 16): Սահակ հաւանեցաւ իրեն եղած այս առաջարկին, եւ անվեհեր ջանալով զցայգ եւ զցերեկ` թարգմանեաց զկտակարանս ամենայն (ՓԱՐ. 17): Յառաջ բերուած կտորներուն բաղդատութենէն յայտնի կը տեսնուի, որ երկու թարգմանութիւններ եղած են ժամանակին, մին Մեսրոպէ, իբր սկզբնական փորձ, եւ միւսը Սահակէ իբր վերջնական գործ: Միանգամայն նկատելով որ մեր ունեցած Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը յունական Եօթանասնից օրինակին վրայ ձեւուած է, սակայն բազմաթիւ տարբերութիւններ ալ ունի, որք ասորական թարգմանութեան կը համապատասխանեն, նկատելով եւս որ Մեսրոպի աշխատութիւնները ասորերէն գործածող գաւառներուն մէջ եղած են, եւ մինչեւ իսկ Սահակ ինքնին առաջին անգամ ասորերէն թարգմանութեան մասնակցած է (ԽՈՐ. 248). նոյնպէս գիտնալով թէ այն ատեն պարսկական կառավարութեան բռնադատութեամբ ասորերէն Ս. Գիրքը միայն պաշտօնապէս կը գործածուէր. դիտելով վերջապէս որ Փարպեցին շեշտելով եւ կրկնելով ի յոյն լեզուոյ թարգմանութիւնը Սահակի կը վերագրէ, մենք իրաւունք կ՚ունենանք եզրակացնել, թէ Ս. Գրոց թարգմանութեան առաջին կտորները կամ փորձերը Մեսրոպէ կատարուեցան ասորերէնի վրայ, սակայն արդիւնքը գոհացուցիչ չսեպուեցաւ, եւ յունականին գերազանցութիւնը ընդունուած ըլլալով, Սահակ պարտաւորուեցաւ, կամ առաջին թարգմանութիւնը ուղղել յոյնին վրայ, կամ թէ նորէն թարգմանել յոյնէն` ասորերէնն ալ առջեւն ունենալով, եւ այսպէս յառաջ եկաւ Ս. Գրոց ամբողջական Հայ թարգմանութիւնը Սահակէ կատարուած, եւ անոր թէ կաթողիկոսական եւ թէ գիտական հեղինակութեամբը հաստատուած: Աւելի մանրամասնեալ հետազօտութիւնները բանասէրներուն կը թողունք (37):

196. ԾԻՍԱՐԱՆԻ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Գիրքէն ետքը անհրաժեշտ պէտք եղող գիրքերը ծիսական կարգադրութիւններն էին, եւ Սահակ ու Մեսրոպ անմիջապէս անոր ձեռնարկեցին, զեկեղեցական զգրոց զգումարութիւն կանխաւ ի յունական բարբառոյ ի հայերէն թարգմանեալ (ՍՈՓ. ԺԱ. 17): Հին պատմագիրներէն որոշակի չենք գտներ թէ ո՞ր կարգադրութիւններ կամ կանոններ ուղղակի Սահակի ձեռքէն ելան, կամ Սահակի կողմէն հաստատուեցան, թէպէտեւ նորեր կը յիշեն պատարագամատոյցը իբրեւ ամենէն առաջ պատրաստուած, ձեռնադրութեանց կանոնը 410-ին, աշխարհաթաղը 413-ին, քահանայաթաղը եւ հոգեհանգիստը անկէ ետքը, եւ սերմնօրհնէքը 423-ին (ՅՇԿ. Ա. 327-329): Ամէն առթի մէջ ծիսարանի պէտքը այնչափ անհրաժեշտ էր, որ հնար չէ ենթադրել, թէ Սահակի ժամանակէն պատրաստուած չ՚ըլլան գլխաւոր խորհրդակատարութեանց կանոնները, ինչպէս են մկրտութիւնն ու դրոշմը, նշանն ու պսակը, ձեռնադրութիւններն ու թաղումները: Այդ կանոնները պարունակող ծիսարանըՄաշտոց անունով կը կոչուի սովորաբար, եւ այդ մտածել տուած է, թէ գլխաւորապէս Մեսրոպն է եղած այդ կանոնները կազմողը, թէպէտեւ ոչ Կորիւն եւ ոչ ժամանակակիցներ այդ բանը չեն յիշած: Այս լռութեան պատճառով ուրիշներ ծիսարանին կազմութիւնն ու լրացումը վերագրեցին Մաշտոց Եղիվարդեցի կաթողիկոսին, Թ. դարուն վերջը, որ թէպէտ շատ համառօտ հայրապետութիւն վարեց, բայց գործունեայ վարդապետական երկար շրջան մը ունեցած էր: Խորհրդակատարութեանց ի յունական բարբառոյ թարգմանեալ ըլլալը, այժմ ալ նկատելի է բաղդատութեանց մտնելով, սակայն միանգամայն կը ստուգուի, թէ եղածները բոլորովին ստրկական թարգմանութիւններ չեն եղած, այլ ազգային սովորութեանց համեմատ փոփոխութիւններ մուծուած են, նկատի առնելով մանաւանդ Լուսաւորչի ժամանակէն նուիրագործուած կարգադրութիւնները, մինչեւ իսկ պահելով բառերու կամ բացատրութիւններու անճշդութիւնները 69), որոնք հաստատուն կիրառութեամբ վաւերացում ստացած էին: Մինչեւ այսօր ժամագիրքին ճակատը կը կարդացուի, արարեալ սրբոց թարգմանչացն մերոյ Սահակայ եւ Մեսրոպայ խորագիրը (ԺԱՄ. 3), Օձնեցին ալ Սահակի կը վերագրէ կանոնի քարոզները եւ աղօթքները (ՕՁՆ. 31), եւ Տաթեւացին շարականներուն մէջէն աւագ շաբաթու կարգը Սահակին կու տայ, եւ ապաշխարութեան կարգը Մեսրոպին (ՏԱԹ. 637), բայց հարկաւ ասկէ աւելի բան ալ անոնց գրիչէն ելած ըլլալու է, քանի որ պարտաւոր էին ընդհանուր կարգադրութիւնը լրացնել: Այս կարգին պէտք է յիշել տօնակատարութեանց կանոնն ալ, սակայն դժբախտաբար բնաւ յայտնի յիշատակութիւն չենք գտներ մեր պատմագիրներուն մէջ, թէպէտ հնար չէ կասկածի ներքեւ թողուլ, որ յոյն տօնացոյցի հետեւած ատեննին` ազգային սուրբերու տօները աւելցուցած չըլլան: Գլխաւորապէս, հայ տօնացոյցին յատուկ եղող եօթնեկական ձեւը, պէտք է մինչեւ Սահակայ դարը բարձրացնել, քանի որ ոչ մի յայտնի յիշատակ չկայ, որ այն ձեւը ապագայ ժամանակներու մէջ մուծուած նորամուտ փոփոխութիւն մը եղած ցուցնէ: Նմանապէս անջուր բաժակի արարողութիւնը այնչափ հնաւանդ է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, որ Շնորհալին համարձակօրէն կը հռչակէ զայն իբր առ մեզ միայն հաստատեալ ի սրբոյն Գրիգորէ (ԸՆԴ. 113), եւ ինչ որ Լուսաւորչէ կը սկսէր, հարկաւ Սահակի ձեռքով օրինաւոր կարգադրութեան վերածուած է:

197. ՆԱԽՆԵԱՑ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՔ

Ազգային դպրութեան կազմութիւնը չէր լրանար Սուրբ Գիրքի եւ ծիսարաններու պատրաստութեամբ, եւ պէտք էր մատենագրութեանց պաշար մըն ալ կազմել ժամանակին պէտքերուն բաւարարութիւն տալու համար: Այս ալ չվիրպեցաւ Սահակի եւ Մեսրոպի տեսութենէն: Ինչպէս ամէն նոր սկսող գործառնութեանց համար կը հանդիպի, շատ աւելի դիւրին է ուրիշներուն քով եղածը իւրացնել, քան թէ նախաձեռնարկ հեղինակութեամբ նորէն արտադրել: Այս պարագային մէջ ալ շատ աւելի դիւրին էր ուրիշ ազգերու մատենագրութիւնները թարգմանել, քան թէ նոր հեղինակութիւններ յօրինել, եւ ասկէ յառաջ եկաւ որ մեր հինգերորդ դարուն գրական արտադրութիւնները աւելի թարգմանութիւններէ կը կազմուին, քան թէ հեղինակութիւններէ: Մենք չենք մտներ այստեղ հինգերորդ դարու մատենագրութեանց մասին յարուցուած բանասիրական վէճերուն մէջ, եւ ոչ ալ կ՚ուզենք կարծիք յայտնել զուտ հայկական ոսկեղէն առաջին շրջանի, եւ հելլենաբանութեամբ վարակեալ ոսկեղէն երկրորդ շրջանի տարբերութեան եւ արժէքին վրայ: Մեզի բաւական է հինգերորդ դարու մատենագրութեանց առատութեան մէջ մատնանիշ ընել Հայ դպրութեանց ամոլակից նախահայրերուն, Սահակի եւ Մեսրոպի, մտաց ընդարձակութիւնը եւ գործին մեծութիւնը: Արդիւնքը չափելով այն մնացորդներէն, որ մեր ձեռքը հասած են, կրնանք ըսել, թէ բոլոր յունական եւ ասորական հայրերուն գիրքերը հայերէնի վերածուած են, Սահակի կենդանութեան եւ անոր մերձաւոր տարիներուն մէջ: Պատմիչն ալ գրած է, թէ Սահակ եւ Մեսրոպ զբազումս եւ զհայրապետացն սրբոց ճշմարտապատում իմաստութիւնս յօրինեալ վերածեցին ի հայ լեզու (ՍՈՓ. ԺԱ. 17): Այսօր նախնեաց թարգմանութեամբ ծանօթ են մեզի Բարսեղ Կեսարացի, Յովհան Ոսկեբերան, Եփրեմ Ասորի, Գրիգոր Սքանչելագործ, Գրիգոր Աստուածաբան, Գրիգոր Նիւսացի, Սեւերիանոս Եմեսացի, Աթանաս Աղեքսանդրացի, Կիւրեղ Երուսաղէմացի, Եպիփան Կիպրացի, եւ դեռ ուրիշ շատ եւս առաջին դարերու ընտիր գրողներ: Բայց ոչ միայն աստուածաբանական նիւթեր, այլ եւ փիլիսոփայականներ եւ պատմականներ հայերէնի թարգմանուեցան միեւնոյն անձերու ձեռքով, Արիստոտէլի եւ Պղատոնի, Փիլոնի եւ Պորփիւրի իմաստասիրական գիրքերը, Եւսեբիոս Կեսարացիի պատմութիւնն (38) ու քրոնիկոնը, եւ ուրիշ շատ մը բազմաթիւ գիրքեր Հայութեան մատչելի դարձան: Այս անցողական ակնարկն իսկ բաւական է ցուցնել, թէ որչափ ալ կրօնական եւ եկեղեցական շարժառիթով սկսաւ Հայ գիրին եւ Հայ դպրութեան ձեռնարկը, սակայն անոր արդիւնքը այդ շրջանակէն դուրս ալ տարածուեցաւ, եւ մտաւորական զարգացման եւ գրական արդիւնաւորութեան ամէն ճիւղերն ալ իր մէջը ամփոփեց:

198. ՍԱՀԱԿԱՅ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Դիտելու արժանի է, որ այս ընդարձակ գրական աշխատութեան մէջէն, գրեթէ ոչինչ, կամ շատ քիչ բան կը գտնենք, որ Սահակի կամ Մեսրոպի անունով մակագրուած ըլլայ, եւ բոլոր թարգմանութիւնները անանուն կերպով հասած են մեզ, իբրեւ հինգերորդ դարու թարգմանչաց խումբին գործը: Սակայն այս ալ բաւական է նոյն երկուքին անունը պայծառացնելու, քանի որ գիտենք թէ երկոքին ալ` հոգին էին ժամանակին գրական աշխատութեանց, եւ իրենց շունչը, իրենց խրատը, եւ իրենց վերհսկողութիւնն էր, որ խումբը կ՚ոգեւորէր, եւ որուն մէջ իրենք ալ անձամբ իրենց գրիչն ունէին եւ իրենց քրտինքը կը թափէին: Սահակի անունով քանի մը մասեր կը գտնենք կանոնագիրքի մէջ, որ մեր ձեռքը եղող օրինակին մէջ 55 գլուխներու վերածուած են, եւ կը պարունակեն հետեւեալ կանոնները, Թէ որպէս պարտ է զկարգն հաստատուն պահել յեկեղեցիս, կանոնք 33 (ԿԱՆ. 98), Թէ որպէս սահմանեցաւ կարգ ուխտի, կանոնք 10 (ԿԱՆ. 102), Թէ որպէս պարտ է եպիսկոպոսաց ունել զընտանիս սրբոյ եկեղեցւոյ, կանոնք 5 (ԿԱՆ. 105), Թէ որպէս պարտ է եպիսկոպոսաց պահել զգանձս եկեղեցւոյ, կանոնք 7 (ԿԱՆ. 107), եւ վերջապէս` Յաղագս սպասաւորաց սրբոյ եկեղեցւոյ եւ պտղոց ժողովրդականաց, ընդարձակ կանոն մը (ԿԱՆ. 109): Սակայն նոյները ուրիշ օրինակի մէջ բաժնուած են Յաղագս եպիսկոպոսաց` 7 կանոն, Յաղագս քորեպիսկոպոսաց 13, Կարգ քահանայից 23, Կարգ վանաց 8, Վասն գանձուց եկեղեցւոյ 12, Յաղագս պտղոց ժողովրդականաց 8, բովանդակ 71 գլուխներ (ՍՈՓ. Բ. 71-134): Այս կանոնները ընդհանրապէս պաշտօնէից պարտաւորութեան եւ եկեղեցական հասութից մատակարարութեան շուրջը կը դառնան, եւ ստէպ Լուսաւորչի անունը կը յիշուի, իբր առաջին հեղինակ այդ կարգադրութեանց: Ամէն առթի մէջ յայտնի կը տեսնուի, թէ կարգի կանոնի նախանձախնդիր հոգի մը ունեցած է Սահակ եւ ուզած է որ ամէն բան օրէնքի ուժով կարգադրուի: Այդ գիտնալով կրնանք իբր ստոյգ նկատել, որ կանոնագիրքին մէջ գտնուող առաքելական եւ նիկիական կանոնները, քանի մը հին ժողովներու որոշումները, եւ Թադէոսի ու Գրիգորի անունով մակագրեալ գլուխներն ալ` հարկաւ այդ միջոցին եւ Սահակի ջանքով հայերէնի վերածուեցան, եւ իբր եկեղեցական օրէնք հռչակուեցան:

199. ԳԻՐԻ ԳԻՒՏԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Որչափ ալ մենք եղելութեանց միայն հետամուտ, անոնց մասին խորհրդածութեանց չենք մտներ, սակայն հնար չէ բոլորովին լուռ մնալ այն մեծ նշանակութեան մասին, զոր Հայ գիրի գիւտը եւ Հայ դպրութեան կազմութիւնն ունեցան մեր ազգին եւ մեր եկեղեցւոյն պահպանութեան եւ տեւողութեան վրայ: Եթէ Հայոց եկեղեցին իրեն յատուկ գիրն ու գիրքերը չունենար, երբեք պիտի չկարենար իբր ինքնուրոյն եկեղեցի իր գոյութիւնը ապահովել, եւ պէտք էր որ ձուլուէր եւ ընկղմէր որեւէ մէկ եկեղեցւոյ մէջ, որուն լեզուն ու գիրն ու գիրքը իրեն համար գործածական պիտի ըլլային: Որեւիցէ հանրային մարմին մը, հնար չէ որ լոկ իղձերու եւ զգացումներու ուժով կարենայ իր կեանքը ապահովել: Կեանքը արտաքին եւ զգալի բան մըն է, եւ պէտք է որ արտաքին եւ զգալի ոյժ մըն ալ գայ զայն ամրապինդ պահպանելու: Հայը, որ քաղաքական կացութեան զօրութիւնը` հինգերորդ դարէն սկսելով կորսնցուց, եթէ չունենար իր գիրն ու գրականութիւնը, որ իբրեւ խարիսխ յուսոյ եւ իբրեւ հիմ հաստատութեան, անոր ապաւէնն եղաւ իր ալեծուփ վտանգներուն եւ իր ցրուած եւ վայրավատին կեանքին մէջ, այսօր հազիւ թէ Հայ ազգի մը յիշատակը մնացած կ՚ըլլար, ինչպէս ի զուր կը փնտռուին Մարաց ու Պարթեւաց, Ասորեստանեայց եւ Բաբելացւոց հետքերը այժմեան աշխարհի մէջ: Սահակի եւ Մեսրոպի խորաթափանց տեսութիւնը նշմարեց քաղաքական կեանքի քայքայեալ վիճակը, նախատեսեց ազգին սպառնացուած կորուստը, մարգարէական իմն հոգւով զգաց ապագային ապահովութեան պէտքը, կազմեց գիրերը, ստեղծեց գրականութիւնը, եւ փրկեց մեր ապագան: Այսօր եթէ Հայ կայ, աւելի քան Հայկայ արիւնը, Սահակի եւ Մեսրոպի միտքն է անոր կեանք տուողը, եւ այդ մեծ բարիքն ալ եկեղեցւոյ ծոցէն ծնաւ: Որչափ միտքով բարձր, այնչափ հոգւով երկնային եւ սիրտով աստուածահաճոյ անձեր եղան Սահակ ու Մեսրոպ, եկեղեցականներու ընտիր խումբ մը պատեց անոնց շուրջը, եւ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան հարիւրեակը անընդհատ տեւեց Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետներու եւ երէցներու դասակարգին մէջ: Եկեղեցին էր` որ հովանաւորեց այս գործը, եկեղեցականներ էին` որ նուիրուեցան ազգաշէն մեծ գործին: Գիրն ու գիրքը եկեղեցիով, եկեղեցին ալ գիրով ու գիրքով, իրարու անբաժան փաթթուած, դարերու փորձանքներուն, Հայուն անլուր տագնապներուն, Հայութեան անըմբերելու վտանգներուն դէմ անվկանդ ոյժ մը կազմեցին: Տասնուհինգ դարերու մարտիրոսական նեղութիւններէ ետքը, եթէ այսօր տակաւին Հայ կայ եւ Հայութիւն կայ, եթէ մտաւորական կենաց յաջողակ եւ քաղաքական կենաց ընդունակ սերունդ մը` ազգ մը` ընդհանուր աշխարհի զարմանքը կը գրաւէ, զայն պէտք է իրաւամբ Սահակի եւ Մեսրոպի անմահական գործին արդիւնքը ճանչնալ եւ խոստովանիլ: Օրհնենք անոնց յիշատակը, եւ դառնանք պատմութեան:

200. ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀԻ ՄԱՀԸ

Խաղաղական միջոց մը եղաւ Վռամշապուհի թագաւորութիւնը: Իրաւ պարագաներն ալ յաջող եղան, սակայն խոհական ընթացքն ալ իր բաժինը ունեցաւ, որովհետեւ ճշմարիտ արժանեաց արդիւնք էր` բաժանեալ եւ պառակտեալ հայրենիքը համաձայնութեան մէջ պահել, եւ երկու նախանձընդդէմ պետութիւնները գործածել, առանց կասկածանք յարուցանելու: Խոհականութեան արդիւնքն ալ աննշանակ չեղաւ, որովհետեւ Վռամշապուհի անունն ալ կապուած մնաց գիրի գիւտին եւ գրականութեան զօրանալուն հետ: Վռամշապուհ ալ յաջողեցաւ այդ բարօրութեան ատենը անփորձ եւ անխախտ անցընել, մինչեւ իր մահը: Վռամշապուհի թագաւորութիւնը 21 տարի ըսուած է սովորաբար (ԽՈՐ. 248): Բայց Փարպեցին այդ թուականը յիշած ատեն բառ մը կ՚աւելցնէ թէ եկաց յետ այսորիկ թագաւորն Վռամշապուհ ամս քսան եւ մի, թէպէտ ոմանք ամս բազումս կը կարդան (ՓԱՐ. 18): Շեշտուած յետ այսորիկ-ը նախընթաց եղելութեան մը կը կապուի, եւ նախընթացաբար ունինք Մեսրոպի կրօնաւորիլը յամս հինգերորդ արքային Հայոց Վռամշապհոյ (ՓԱՐ. 13), որով իրաւունք կը զգանք երկու մասերը իրարու գումարելով 26 տարի տալ Վռամշապուհի թագաւորութեան: Այդ ենթադրութեամբ պէտք չենք ունենար մերթ ընդ մերթ ընդհատ անիշխանութիւններ ենթադրելու, ինչպէս ուրիշներ կը բռնադատուին ընել առանց հիման, որպէսզի կարենան եղելութեանց կշիռը պահպանել, զոր մենք աւելի դիւրութեամբ կը պահենք Վռամշապուհի ժամանակը երկարելով, եւ այն ոչ քմահաճ դրութեամբ: Վռամշապուհի թագաւորութիւնը սկսած էր 389-ին, որով վերջը կ՚իյնայ 414ին: Մահը եղաւ հասեալ ի յերկար ծերութիւն, եւ խաղաղական հանգստիւ (ՓԱՐ. 18), եւ հարկ կը լինի գոնէ 70 տարեկանէ վեր վախճանած կարծել (39): Վռամշապուհ միայն Արտաշէս անունտասնամեայ որդի մը թողուց (ԽՈՐ. 248), որ թագաւորելու յարմար չէր, եւ Սահակ յանձն առաւ անձամբ Տիզբոն երթալ, եւ Յազկերտ Ա. թագաւորը հաճեցնել, որպէսզի ներէ Խոսրովի նորէն թագաւորութիւնը ստանձնել, որ Սահակի առաջին անգամ Տիզբոն երթալէն ի վեր, լուծեալ պահեցաւ արձակ յԱնյուշն բերդի (ԽՈՐ. 249): Յազկերտ հաւանեցաւ, եւ Խոսրով բանտէն գահ բարձրացաւ, բայց այլեւս յոյժ ծեր էր, քանի որ երկար ծերութեան հասնող Վռամշապուհի մեծ եղբայրն էր. եւ հազիւ կեցեալ ամիսս ութ վախճանէր (ՓԱՐ. 18), կամ ինչպէս ուրիշ մը կը գրէ, ի կրկնում թագաւորեալ ամ մի (ԽՈՐ. 249): Տարիքն ալ ժամանակն ալ չէին ներեր Խոսրովի գործունէութիւն մը ցոյց տալ. եւ իր օրերն ալ` Վռամշապուհի օրերուն շարունակութիւնն եղան առանց նորութեան, եւ կարծես թէ միայն փառօք գերեզման իջնելու համար` վերստին գահ բարձրացաւ:

201. ՇԱՊՈՒՀ ԹԱԳԱՒՈՐ

Թագաւորական գահը նորէն դատարկ մնաց 415-ին, եւ մէջտեղը միայն 11 տարեկան Արտաշէսը կար Արշակունի սերունդէն: Զայն պատեհ համարեցաւ Յազկերտ, Հայոց թագաւորութեան ստուերն ալ ջնջել, եւ տակաւ Հայերուն մոռցնել տալ իրենց ինքնութիւնը, եւ իր որդին Շապուհը Հայոց թագաւորի անունով Հայաստան ղրկեց, իբր Պարսիկ կուսակալ մը երկիրը կառավարելու պաշտօնով: Յատկապէս հրահանգ տուած էր անոր, անուշութեամբ եւ թուլութեամբ վարուիլ նախարարներուն հետ, խօսիւք եւ տուրեւառիւք անոնք իրեն յանկուցանել, խրախճանութեամբ եւ զբօսանօք անոնց բարեկամութիւնը գրաւել, եկամուտ հարազատութեամբ եւ խնամութեամբ անոնց ընտանեկան շրջանակին վրայ ազդել, որպէսզի յաջողի հետզհետէ անոնք պարսիկ կեանքին ընտելացնել, եւ ի դէն մազդեզանց սաղապեցուցանել, որով ամենեւին զատչիցեն ի Յունաց (ԽՈՐ. 249), զատուցեալք այնուհետեւ ի սիրոյ նոցին եւ յօրինացն (ՓԱՐ. 19): Բաւական ճարտար էր Յազկերտի մտածմունքը, բայց գործը իրեն նպատակին չհամապատասխանեց: Հայ նախարարները որչափ ալ թեթեւաբարոյ եւ յեղյեղուկ քաղաքականութեան հակամէտ, սակայն Արշակունի ազգատոհմին նախապաշարումը կը կրէին, եւ Սասանեան կրակապաշտ մը իրեն վրայ շատ վատ տպաւորութիւն գործեց: Շապուհ ինքն ալ բնաւ կարողութիւն մը ցոյց չտուաւ, որով պատկառանք ազդէր, համակրութիւն շահէր, եւ իրեն յանձնուած նպատակը յաջողցնէր: Բայց նախարարները զօրաւոր գլուխ մը չունէին, վասնզի Համազասպ Մամիկոնեան սպարապետը` Սահակի փեսան` մեռած էր, եւ Հրահատ Կամսարական` Գազաւոնի որդին, որ աքսորէն ազատելով Շապուհի հետ եկած ու սպարապետ եղած էր, չունէր այն ազդեցութիւնը, որ պէտք եղած ուղղութիւնը տար: Հայ նախարարներ Շապուհի բարեկամ չեղան, բայց եւ ոչ ոք ի միաբանութիւն հաւաքեաց զգունդս Հայոց (ԽՈՐ. 249): Շապուհ խաղալիք դարձաւ Հայ նախարարներուն` Ատոմ Մոկացի զինքը կը ծաղրէր` իբր կնամարդի, Շաւասպ Արծրունի զայն նախատելով կը քամահրէր, Խոսրով Գարդմանցի զէնք ալ վերցնելով կը դիմադրէր, հակառակութիւնը յայտնի էր, բայց դիմադրութիւն կազմելու ոչ ոյժ կար եւ ոչ գլուխ: Այդ անգլուխ եւ անկանոն վիճակը չորս տարի տեւեց, մինչեւ որ Շապուհ 419-ին, հօրը հիւանդութիւնը պատրուակ առնելով Պարսկաստան դարձաւ, բայց պալատականներու դաւաճանութեամբ սպաննուեցաւ, եւ Յազկերտի միւս որդին Վռամ Ե. թագաւորեց 420-ին: Քաղաքական կացութիւնը այսպէս ուրուագծելէ ետքը, դառնանք Սահակի եւ Մեսրոպի գործունէութեան:

202. ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐ

Գիրի վերջնական գիւտէն` 406-ին, մինչ Խոսրովի մահը` 415ին, երկրին խաղաղ կառավարութեան ատեն, Սահակ պատեհ գտաւ Հայաստանի պարսկական բաժնին մէջ ընդարձակել Հայ լեզուի ուսուցումը, եւ բարեկարգել հայ ծէսով կատարուած արարողութիւնները: Երկիրը նոր ոգի եւ նոր պայծառութիւն ստացաւ, զոր լիաբերան գովեստներով կը հռչակէ Փարպեցին, մարգարէական պատգամը կրկնելով (ԵՍԱ. ԺԱ. 9) թէ լցաւ երկիրս ամենայն Հայոց գիտութեամբ Տեառն ի հոգեւոր վտակաց սուրբ հայրապետին Սահակայ, իբրեւ զջուրս բազումս որ ծածկեն զծովս (ՓԱՐ. 18): Սակայն այդ ամենայն միայն պարսկական բաժնին մէջ կը կատարուէր, որովհետեւ յունական բաժնին մէջ իրաց կացութիւնը փոխուած էր: Թէոդոս Մեծի մահուընէ ետքը 395-ին, Արկադիոս եւ Անորիոս բաժնած էին կայսրութիւնը, եւ Արկադիոս պահած էր իր հօր կարգադրութիւնները Արեւելքի մէջ, բայց երբ Արկադիոս մեռաւ 408-ին, եւ Թէոդոս Բ. Փոքրն, 7 տարեկան կայսր հռչակուեցաւ, Անթեմիոս խնամակալ փոփոխութիւններ ըրաւ գաւառական վարչութեանց մէջ, եւ Հայաստանի յունական բաժինը, այլեւս ոչ հաւատաց Վռամշապուհի, այլ ինքեան գործակալօք կալաւ (ԽՈՐ. 247), Յոյն կոմսեր նշանակելով իբր կուսակալ: Հոգեւորական վարչութեան ալ ձեռներէց եղաւ, որով Հայ գաւառները տուգանեցան, վիճակեալ յաթոռն Կեսարու, եւ պարտաւորեալ եղան վարիլ յունական դպրութեամբ(ԽՈՐ. 248), չկրնալով օգտուիլ նորոգ սկսուած հայկական դպրութենէն: Սահակ պարսկական բաժնին աշխատութիւններով զբաղած, չկրցաւ գործնական ակնարկ մը դարձնել այս կողմ, մինչեւ Շապուհ արքայորդւոյն Հայոց թագաւոր անուանուիլը: Ասոր ժամանակ ամենայն ինչ տակնուվրայ եղաւ, կարգ ու կանոն խանգարուեցաւ, նոյնիսկ Սահակի ճիգերը սկսան անպտուղ մնալ, Պարսիկ հեթանոս թագաւորէն այլեւս պաշտպանութիւն չէր գտներ, անգլուխ եւ պառակտեալ նախարարներէն դժուար կ՚ըլլար զօրաւոր հովանաւորութիւն քաղել, հետեւապէս մտածեց Սահակ պահ մը տեղի տալ, եւ պարագայէն օգտուելով յունական բաժնին վրայ դարձնել իր մտադրութիւնը: Տարիէ աւելի կը հաշուենք Սահակի պարսկական բաժնին մէջ մնալը Շապուհի ժամանակ, եւ մերձաւորաբար 417-ին կը դնենք Սահակի յունական բաժին անցնիլը: Իրեն կ՚ընկերանային իր ամոլակիցը Մեսրոպ, աշակերտներէն բազմութիւն մը (ԽՈՐ. 233), եւ իր թոռները Վարդան ու Հմայեակ ու Համազասպեան, վախճանեալ Համազասպ սպարապետին զաւակները: Հեթանոս թագաւորին ընթացքէն ցաւած, եւ քրիստոնեայ տէրութեան վրայ մեծամեծ յոյսեր դրած, կ՚անցնէր Սահակ սահմանագլուխը, բայց մեծ յուսախաբութեան դիմաց գտնուեցաւ, որովհետեւ Անատոլիոս, որ Պոնտական եւ Հայկական գաւառներու մեծ բդեշխն էր, յայտնի կերպով արգիլեց Սահակի հայերէն գիր ու դպրութիւն ուսուցանել, մինչեւ որ յատկապէս կայսերական կառավարութենէն արտօնութիւն չհասնէր: Սահակ պարտաւորուեցաւ արտօնութիւն ձեռք ձգելու աշխատիլ: Յատուկ գիր մը գրեց Թէոդոս կայսեր, բացատրեց իր միտքը եւ իրեն դէմ դրուած արգելքը, եւ խնդրեց որ իբր Հայոց կաթողիկոս, յունական բաժնին վրայ ալ իր իրաւասութիւնը ճանչցուի, եւ հայերէն ուսումները չարգելուին: Գիր մըն ալ գրեց Կոստանդնուպոլսոյ Ատտիկոս պատրիարքին, որպէսզի թագաւորին մօտ բարեխօսէ եւ իր առաջարկութեանց կատարմանը օգնէ (40): Մեսրոպն ու Վարդանը, եւ Դերջանու Գնիթ եպիսկոպոսը, իբր պատգամաւորներ որոշեց եւ Անատոլիոսէ ալ խնդրեց, որ պատգամաւորութեան ուղեւորութիւնը դիւրացնէ: Իսկ մինչեւ որ պատգամաւորութիւնը Բիւզանդիոնէ դառնայ, ինքն ալ քաշուեցաւ Մելիտինէ քաղաքը, մէկտեղ բերած աշակերտներովը, որոնց գլխաւորն էր Ղեւոնդ Վանանդեցին, եւ հիւր մնաց Ակակիոսի, որ Երկրորդ Հայոց մետրապոլիտն էր (ԽՈՐ. 252): Պատմիչը կը գրէ, թէ մինչեւ ի ձեռն փոփոխ ընթացից գրով զգացուցանել կայսերն, եւ թէ առնու հրաման արժանապէս առաքել փութով (ԽՈՐ. 253), որով կը ցուցնէ թէ Անատոլիոս հարկ տեսաւ մինչեւ իսկ պատգամաւորութիւնը ճամբայ հանելու համար, նախապէս Բիւզանդիոնէ հաճութիւն ստանալ: Իսկ Սահակ հարկաւ բոլոր ատենը Մելիտինէի մէջ չկրցաւ փակուիլ, այլ պէտք ունեցաւ ստէպ Անատոլիոսը տեսնել, եւ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսին հիւրասիրութիւնը վայելել, որ էր Փիրմոս, յաջորդն Հելլադիոսի, յաջորդին Բարսեղի:

203. ՍՏԱՑՈՒԱԾ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ

Պատգամաւորութեան ելքը հաջող եղաւ, եւ առին զոր յուսայինն եւ զոր ոչն յուսային (ԽՈՐ. 253): Թէոդոս Փոքր 16 տարեկան եղած էր, խնամակալութիւնն ալ իր Պուղքեբիա քրոջ ձեռքն անցած էր, ուխտեալ կուսան մը, տակաւին ծաղկահասակ, եւ բոլորովին բարեպաշտութեանց նուիրեալ: Ատտիկոս ալ, որ 406-ին ընտրուած էր, մեծ ազդեցութիւն կը վայելէր արքունեաց մէջ, Սահակի ընկերակից եղած էր, եւ մինչեւ իսկ կարծող կայ թէ հայ ծագում ունէր: Եկեղեցական պատկառելի պատգամաւորութեան մը բերնով պատմուած` եւ եկեղեցւոյ վրայ եկած վիշտերը, եւ հայերէն գիրերու գիւտին առթիւ յայտնուած աստուածային այցելութիւնը, իրենց տպաւորութիւնը գործեցին: Պետական խորհրդականներ ալ օգտակար գտան հարկաւ` Պարսիկներէն նեղեալ Հայերուն իրենց դիմելը, որ ապագայ քաղաքական յաջողութեանց դուռ կրնար բանալ, եւ միտեցան Սահակի առաջարկները ընդունիլ: Այսուհանդերձ ձմեռն ամբողջ բանակցութեանց մէջ անցաւ, եւ գործին պարագաները ուսումնասիրուեցան, մինչեւ որ պատգամաւորները յետ պասեքին կատարելոյ, կայսեր եւ պատրիարքին կողմանէ պաշտօնագիրները ընդունելով Բիւզանդիոնէ մեկնեցան (ԿՈՐ. 28): Ժամանակագրական հաշուով պէտք է 418-ին դնել գործին աւարտումը, որ տարին Ապրիլ 7-ին հանդիպած է Զատիկը: Գլխաւոր խնդիրն էր Սահակի իրաւասութիւնը Յունական Հայաստանին վրայ, ուստի հրաման տրուեցաւ, որոնց որ պէտք էր, որ Սահակը պատուով ընկալցին որպէս զարդարեւ վարդապետ իւրեանց, հանգոյն արքեպիսկոպոսին Կեսարու. իսկ հայերէնի ուսման համար հրամայուեցաւ զի ամենայն փութով ուսցին, որովհետեւ կատարումն արուեստիդ ի շնորհաց Վերնոյն եղեւ (ԽՈՐ. 254): Այդ բացատրութիւնները կը քաղենք Խորենացիին յառաջ բերած թղթակցութեան պատճէններէն, թէպէտ չենք կրնար անոնց բնագիր ըլլալուն վրայ պնդել (41): Այս թուղթերով թէ թագաւորը եւ թէ պատրիարքը Հայերը կը մեղադրէին, որ հայերէն գիրի համար Ասորիներուն դիմած են, եւ ոչ Յոյներուն, եւ մասնաւորապէս անտես ըրած են զաղբիւրն եկեղեցւոյ զհայր մեր սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան: Բայց պէտք էր մտաբերէին թէ 404-ին Յոյներ կը դատապարտէին եւ կ՚աքսորէին Ոսկեբերանը, որ աքսորի մէջ կը մեռնէր 407-ին: Իսկ Ասորւոց դիմումն ալ հինէն մնացած հայերէն գիրեր գտնելու համար էր, եւ ոչ նոր գիր ստեղծելու: Այս տեղ անցողակի յիշենք, որ չենք իմանար թէ ուսկից ուր, Վատիկանի մատենադարանին մէջ, զանազան գիրերու գտնողներուն կարգին նկարուած է Յովհան Ոսկեբերանն ալ` ձեռքը հայերէն այբուբէնով: Բիւզանդիոյ արքունիքին կողմէն եղած շնորհներուն կարգին հրամայուած էր եւս, որ Սահակի եւ դպրոցներու համար դարմանք եւ ծախք յարքունուստ լիցին, Վարդանի տրուած էր ստրատելատի աստիճան (42), եւ Կարնոյ դաշտին վրայ նորէն քաղաք մը պիտի շինուէր ու ամրանար, իբր կեդրոն եւ դղեակ Յունական Հայաստանին, այն որ Թէոդուպոլիս կոչուեցաւ, բայց աւելի սովորաբար Կարնոյ Քաղաք կամ Կարին անունով ճանչցուեցաւ: Իսկ Մեսրոպի տրուեցաւ Եկղեսիաստիկոս-ի (ԽՈՐ. 255) կամ Ակումիտ-ի (ԿՈՐ. 27) պատիւ, որ կը պատասխանէ եկեղեցական ուսմամբ զարգացեալ կրօնաւորներու տրուած պատուոյ աստիճանին, որ մեր մէջ Վարդապետ անունով ճանչցուած է: Ըստ այսմ պատմիչներէն ոմանք Մեսրոպի տրուած աստիճանը աթոռակալութիւն վարդապետութեան սրբոյն Յովհաննու Ոսկեբերանի, եւքաջաց եւ գլխաւոր վարդապետաց հետ դասակցութիւն կոչած են (ԱՐԾ. 78), որ Մեսրոպէ սկսելով որոշ դասակարգ մը կազմած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ: Անոր համար վարդապետներու տրուած կոնդակներուն մէջ ընդհանրապէս Մեսրոպէ կ՚առնուի դասակարգին սկզբնաւորութիւնը:

204. ՍԱՀԱԿԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Մեսրոպ ու Վարդան ու Գնիթ կայսերական եւ պատրիարքական հրամանագիրները առած, եւ յատուկ պատիւներով փառաւորուած, Բիւզանդիոնէ դառնալով Անատոլիոսի ներկայացուցին բերած հրամանագիրնին, եւ պէտք է ըսել, թէ Անատոլիոս, որ ինք իր գլուխ բան մը ընելու վարանած էր, հրամանը ստանալէ ետքը առաւելօքն դիւրացուց Սահակի գործունէութիւնը, եւ առատացուց դրամական օգնութիւնները եւ պաշտօնական հովանաւորութիւնները: Այս կերպով հայերէն լեզուի ուսումը չուտով տարածուեցաւ եւ զարգացաւ յունական բաժնին մէջ, աւելի յաջողութեամբ` քան պարսկական բաժնին մէջ, շնորհիւ բաղդատապէս լաւագոյն կացութեան, զոր ունէին այն գաւառները: Սահակի այդ աշխատութեանց տեւողութիւնը ճշդելու համար պէտք է նկատի առնենք, որ Սահակ Շապուհի երկրորդ տարին մեկնեցաւ պարսկական բաժինէն: Շապուհ շարունակեց մնալ մինչեւ իր չորրորդ տարին, եւ մեկնած ատեն հրամայեց իւրում տեղակալին զօրագլխի` ունել զմեծամեծս Հայոց եւ տանել ի Պարսս: Հայ նախարարներ այդ որոշման դէմ ելան, եւ իրենց գունդերը ժողվելով յայտնի պատերազմ բացին Պարսից դէմ, իրենց ընդհանուր հրամանատար ընտրելով Ներսէս Ճիճրակացին, քաջ եւ բարեբախտ զօրագլուխը: Այս անգամ ալ Ներսէս բարեբախտ գտնուեցաւ իր գործառնութեանց մէջ, եւ Պարսիկները ցրուեց եւ փախցուց, Շապուհի տեղակալ զօրագլուխն ալ սպանուեցաւ Ապրսամ Սպանդունիի ձեռքով: Պարսկական իշխանութիւնը տկարացաւ, Հայոց կողմէն իշխանութիւն մը չկազմուեցաւ, եւ երկիրը մնաց յանիշխանութեան, իւրաքանչիւր նախարար իր մասերը կը պաշտպանէր, եւ Պարսիկներուն դէմ կը մաքառէր, եւ հետեւանքը կ՚ըլլար որ երկիրը աւերեալ ամայանար, ինչ որ Պարսից համար ալ օգտակար չէր, վասնզի պակասեալ լինէին հարկք արքունի: Ժողովուրդին համար աշխատութիւն ու մշակութիւն անհնար կը դառնար, վասնզի երթեւեկի եւ երկրագործութեան ապահովութիւն չկար. եւ ամենայն բարեկարգութիւն վրդովեալ ապականէր(ԽՈՐ. 251): Այդ վիճակը կը տեւէր ամս երիս: Անհնարին ժամանակին մէջ շփոթութիւնը գրաւած էր Պարսկական Հայաստանը, Վռամ ալ, որ հօրը յաջորդած էր, կը տեսնէր որ իր տէրութիւնն ալ կը վտանգուի եւ գանձն ալ կը վնասուի, կը համոզուէր, թէ առանց նախարարացն Հայոց ոչ մարթի ունել զաշխարհն. ուստի ազդուագոյն անձերէն Սմբատ Բագրատունին ձեռք կ՚առնէր հաշտարար կերպով գործը կարգադրելու: Սմբատ ալ, նախարարներուն հետ խորհրդակցելով, անհրաժեշտ կը նկատէ Սահակի ներկայութիւնը, ուստի հրաւիրակ նախարարներ կը ղրկուէին յունական բաժինը, որպէսզի գայ, եւ ի մէջ նոցա անցեալ ի միաբանութիւն հաւաքեսցէ զամենեսեան (ԽՈՐ. 255): Կ՚երեւի թէ յատուկ հայրապետական տեղակալ մը չկար պարսկական բաժնին մէջ, եւ հեռուէն ալ Սահակ ինքն էր որ եկեղեցական գործերուն կը հսկէր: Անհնար էր Սահակի իր օգնութիւնը զլանալ այսպիսի տագնապալից վայրկեանի մէջ, մանաւանդ որ այլեւս չկար Յազկերտ իր հալածանքներով, հեռացած էր Պարսիկ Շապուհը Հայոց թագաւորական գահէն, եւ ամէն ապահովութիւն կը տրուէր Վռամի հաշտարար եւ զիջողական դիտումներուն վրայ: Յունական բաժինին գործերն ալ չլքանելու համար այնտեղ թողուց Մեսրոպը իբր տեղակալ` մաս մը աշակերտներով, Հմայեակ եւ Համազասպեան թոռներն ալ իբր քաղաքական եւ զինուորական միջնորդ, ու ինքն մէկտեղ առնելով Վարդան թոռն ու աշակերտներէն մաս մը, սահմանագլուխը անցաւ եւ Վաղարշապատ եկաւ: Շապուհի թագաւորութեան վերջին մասը, եւ անիշխանութեան միջոցին առաջին տարիները միացնելով, 4 տարուան չափ Սահակ հեռու մնացած կ՚ըլլայ պարսկական բաժինէն, եւ 417-ին դնելով մեկնումը, 421-ին կրնանք դնել նորա դառնալը:

205. ԱՐՏԱՇԻՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Սահակի գալուստը մխիթարական ակնկալութեանց նշան մը եղաւ ամենուն: Հազիւ թէ հայրապետանոց հասած, գլխաւորներուն խորհուրդով համազգային ժողով մը կը հրաւիրէ, եւ կուտեալ զամենայն նախարարազունսն խորհրդակցութեան կը մտնէ, թէ ինչ կերպով պիտի յաջողին երկրին բարեկարգութիւնը նորոգել: Միաձայն հաւանութեամբ կը հաստատուի նորէն հայ Արշակունի տոհմէն թագաւոր մը ունենալ, եւ ընտրութիւնն ալ շատ չ՚երկարիր, որովհետեւ Վռամշապուհի որդիէն, Արտաշէսէն զատ մէկը չկար եւ այն ալ արդէն 18 տարեկան երիտասարդ մը եղած էր: Որոշումնին գիրի կ՚առնեն, որպէսզի Վռամին ներկայացուի, միանգամայն կը յաւելուն ինչ ինչ պայմաններ ապագայ խաղաղութիւնը ապահովելու, որոնց գլխաւորն էր ընդհանուր փակում մը անցեալ եղելութեանց, առանց անոնց վրայ անդրադառնալու կամ պատասխանատուութիւններ փնտռելու: Սմբատ Բագրատունի եւ Վարդան Մամիկոնեան պատգամաւոր կ՚ընտրուին, որոնք պատշաճ հետեւորդներով կը մեկնին Տիզբոն: Վռամ Ե. մեծապէս գոհ կը մնայ, որ իր մտադրութիւնը անհակառակ ընդունելութիւն կը գտնէ, կը հաւանի բոլոր առաջարկներուն, Արտաշէսը թագաւոր կը հռչակէ, անոր Պահլաւիկ անունը Սասանեան կոչումով Արտաշիրի կը փոխէ, հաշտութիւնը կը հաստատէ, եւ մուրհակ մոռացման յանցանաց կնքէ: Բոլոր մատակարարութիւնը եւ զինուորական հրամանատարութիւնը Հայ թագաւորին եւ Հայ նախարարներուն կը թողու, առանց պարսիկ վերակացուի (ԽՈՐ. 256): Նշանակելի է մուրհակ մոռացման բացատրութիւնը, փոխանակ ներման բառը գործածելու, որ իր մէջ ստորնացուցիչ ակնարկ մը ունի, ուստից հեռանալու համար մեր օրերը մոռացման բացատրութիւնը իբրեւ նոր գիւտ մը գործածուեցաւ, մինչ 15 դարեր առաջ մերիններուն ծանօթ եղած լինելը կը տեսնուի: Արտաշէս-Արտաշիրի թագաւորութիւնը պիտի նշանակենք 422ին: Տակաւին անչափահաս կը նկատուէր 18 տարեկան թագաւորը, եթէ ոչ օրինօք, գոնէ իրօք, եւ խնամակալի պէտք ունէր: Այս անունով մէկ մը պաշտօնապէս չեղաւ: Միայն բարոյական պատասխանատուութիւն մը Սահակի վրայ ծանրացաւ, որպէսզի հսկէ ու առաջնորդէ իր պաշտպանած անփորձ թագաւորը: Դժբախտաբար Արտաշէս չեղաւ ինչ որ Վռամշապուհի մը որդիէն կը սպասուէր, եւ ինքզինքը տուաւ անկարգութեանց: Պատմագիրները տխուր գոյներով կը նկարագրեն զինքը, թէ էր այր մանուկ եւ իգամոլ, թէ բազում անառակութեամբ վարէր զթագաւորութիւնն, թէ զեղխ եւ մոլեկան վարուց կը հետեւէր (ՓԱՐ. 19), եւ թէ սկսաւ անհուն ողողանել յանառակ ցանկութիւնս (ԽՈՐ. 262):

206. ՄԵՍՐՈՊԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Սահակի մեկնելէն ետքը, Մեսրոպ արդիւնաւոր կերպով վարեց իր պաշտօնը յունական բաժնին մէջ, ամէն կողմ դպրոցներ բացաւ եւ տեսուչներ հաստատեց: Գնիթ եպիսկոպոս Դերջանի դպրոցներուն վերակացութիւնը ստանձնեց, Դանան Եկեղեցացիի յանձնուեցան Եկեղեաց այսինքն Երզնկայի գաւառին դպրոցները, ինչպէս Ենովք Սպերցիին` Սպերի գաւառին դպրոցները (ԽՈՐ. 258): Իսկ Սիւնեաց նահանգին համար նշանակուեցաւ Անանիա եպիսկոպոսը, որուն պաշտպան կը կանգնէր Վասակ Սիւնի նախարարը, զոր իբր այր խորհրդական եւ հանճարեղ եւ յառաջիմաց կը գովէ Կորիւն (ԿՈՐ. 25): Ասոնք ընդհանրապէս իրենց գաւառներուն եպիսկոպոսներն էին, որոնք պատիւ կը համարէին դպրոցական տեսուչի պաշտօնը, եւ հոգեւորական եւ կրթական գործերը միանգամայն կը վարէին: Մեսրոպ փոյթ ունեցաւ կեդրոնական հաստատութիւն մըն ալ կազմել, ուսկից նորանոր ուսուցիչներ կարենային հասնիլ, եւ առ այս ընտրեց Շաղգոմքի կամ Շատգոմքի հովիտը, զոր շատեր կը նոյնացնէին Թորդումի հովիտին հետ, այլ առտեղեաւ եղած զննութիւններ եւ աշխարհագրական տեղեկութեանց մերձեցումներ կը նոյնացնեն Սպերի մօտ, այժմեան Մասաթտէրէ կոչուած գեղեցիկ հովիտին հետ: Այնտեղ Մեսրոպ բովանդակեաց զվարդապետութիւնս առաջին առելոց խմբից, որոց ուսումը ոչ որպէս արուեստ ուսուցանէր, լոկ արտաքին ուսման ձեւով, այլ իբրեւ զհոգի առաքելաբար աշակերտելոցն տայր (ԽՈՐ. 257), ինչ որ կը ցուցնէ, թէ դպրութեանց հետ վանական կրթութիւնն ալ կը միացնէր, որով Շատգոմքի վարդապետանոցը իբրեւ ազգային դպրեվանքերու անդրանիկը պէտք է նկատել: Պահ մը Մեսրոպ անձամբ հաստատութիւնը կառավարելէ ետքը, Ղեւոնդ Վանանդեցին վերակացու թողուց եւ ինքն ուրիշ ձեռնարկի փութաց:

207. ԲՈՐԲՈՐԻՏՈՆ ԱՂԱՆԴԸ

Ատտիկոս պատրիարքէ Սահակի ուղղուած գիրին մէջ յիշուած էին Բորբորիտոնաց աղանդին հետեւողները, եւ յանձնարարուած էր որ անոնց հետամտի, որպէսզի կամ զիջանին հաւանիլ եւ իրենց վարդապետութենէն հրաժարիլ, եւ եթէ չհաւանէին, Սահակի կ՚ըսուէր հալածելի քումմէ վիճակէդ (ԽՈՐ. 255): Սահակ կ՚երեւի թէ բաւական ատեն չունեցաւ անոնցմով զբաղիլ Յունաց բաժնին մէջ եղած ատեն, ուստի երբոր մեկնելու եղաւ Մեսրոպի յանձնարարեց քննել զժանտագործ Բորբորիտոնսն, եւ եթէ ոչ հեզութեամբ եւ ոչ սաստիւ գայցեն յուղղութեան, չարչարանօք հալածել (ԽՈՐ. 256): Այս առթիւ միայն կը յիշուին Բորբորիտոն անունով աղանդաւորները, որոնք պէտք է միեւնոյն համարել տարիներ ետքը Շահապիվանի ժողովին ԺԹ. կանոնին մէջ յիշուած Մծղնէից աղանդին հետ (ԿԱՆ. 118): Իսկ Մծղնեայք ալ Յոյներէն Եւխետեան կամ Մեսաղեան կոչուածներն են, որոնց առաջին անունը յունարէն բառէն ծագում առած է, եւ երկրորդը նոյնանշան ասորերէն Մէձէլուն բառէն, որ մեր մէջ Մծղնեայ տառադարձուած է (ԿԱՐ. 42): Աղանդին ծագումը Ասորիքէն կը կարծուի, իսկ վարդապետութիւննին էր ամէն օրէնք եւ ամէն պաշտամունք աւելորդ համարիլ, եւ ամէն անկարգութիւն եւ ամբարշտութիւն եւ պղծութիւն համարձակ գործել, պարզ աղօթք մը բաւական համարելով ամէն մեղքէ սրբուելու: Այդ աղանդաւորները իրենց վարդապետութեան մոլեռանդ բորբոքում տալով, ամէն արտաքին բռնութիւն եւ յափշտակութիւն եւ անիրաւութիւն ալ համարձակ կը գործէին, եւ հասարակ եղեռնագործի կերպարանը կ՚առնէին: Հարկաւ ասկէ յառաջ եկած է իրենց դէմ խստութիւն գործածելու որոշումը, մինչեւ իսկ չարչարանօք հալածել: Հեթանոսական ժամանակներէ մնացորդ մը կը կարծուի այդ աղանդը, քրիստոնէութեան ժամանակ անոր գոյնը առած, եւ այս պատճառաւ է որ հեթանոսութեան մնացորդ ալ կարծուած է անոնց գոյութիւնը (43): Դիտելով որ այս անգամ ալ Մեսրոպ Գողթն գաւառէ կը սկսի իրեն յանձնուած քննութիւնը կատարել, բոլորովին անտեղի չէր ըլլար, եթէ առաջին անգամ ալ Մեսրոպի Գողթն գաւառի մէջ հեթանոսութեան հետքերը ջնջելու աշխատութիւնը, սոյն այս աղանդաւորներուն համար եղած ըսէինք 187): Արդէն Խորենացին ալ սոյն Բորբորիտոններուն կամ Մծղնեայներուն երեւոյթը կ՚անուանէ մնացեալ արմատ դառնութեան հեթանոսական աղանդոյն, ի ժամանակի անիշխանութեան ի վեր երեւեալ (ԽՈՐ. 258): Մեսրոպ նախ կու գայ Գողթն, ուր իր առաջին հովանաւորին Շաբիթ իշխանին որդւոյն` Գիտ իշխանին օգնականութեամբ կը յաջողի բնաբարձ ընել աղանդաւորները: Անկէ կ՚անցնի Բալասական դաշտը, ուր ուրիշ խումբ մը կար ապաստանած, զբազումս յուղղութիւն ածէ, իսկ զսակաւս անդարձս մինչեւ Հոնաց իշխանութեան կողմերը կը հալածէ, եւ Մուշէ Տարոնեցի եպիսկոպոսը պտըտած կողմերուն հսկող կը թողու, եւ ինքը կ՚անցնի Գարդմանայ ձորը` Ուտի նահանգին մէջ: Հոն ալ կը յաջողի աղանդաւորները ի գիտութիւն ճշմարտութեան ածել, օգնութեամբ Խուրս իշխանի: Ասոր վրայ Տաշիրքի Աշուշա իշխանէն ալ կը հրաւիրուի իր կողմերն ալ այցելել յաղագս նորին գործոյ, եւ այնտեղ ալ յաջողութեամբ կը պսակուին Մեսրոպի քարոզութիւնները, առանց պէտք ունենալու չարչարանօք հալածել եւ ընդունած հրահանգն ու իշխանութիւնը գործածել (ԽՈՐ. 258): Յայդմ նախադասելի կ՚երեւի մեզի Խորենացւոյ վկայութիւնը, քան միւս կենսագիրին ըսածը, թէ Մեսրոպ անսաստները խոշտանգելու եւ տանջելու ձեռնարկած ըլլայ, եւ խանձեալ եւ մրեալ եւ պէսպէս խայտառակեալ հեռացնելու պէտք ունեցած ըլլայ (ՍՈՓ. ԺԱ. 15): Մեսրոպ երկու տարիի չափ աշխատած պիտի ըլլայ թէ' դպրոցներու համար եւ թէ աղանդաւորաց դէմ, այնպէս որ իր շրջագայութիւնը աւարտելով, նորէն Արարատ գաւառի կեդրոնը Սահակի մօտ դառնալը եւ Վաղարշապատ հասնիլը, հազիւ 423-ին վերջերը կրնայ տեղի ունեցած ըլլալ, երբ արդէն Արտաշէս թագաւորած էր, եւ երկրին մէջ փոքրիշատէ հանդարտութիւն սկսած էր:

208. ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՌԱՔՈՒՄԸ

Ուրախութեան առիթ եղաւ երկուքին ալ` նորէն, իրարու հանդիպիլնին: Մխիթարական էր որ բաւական տարիներ աստ եւ անդ թափառելէ ու տառապելէ ետքը, հանդարտօրէն ուսումնական գործերու պարապելու առիթը կը գտնէին: Այն ատեն մտածեցին ալ աւելի ընդարձակել հայ գրականութիւնը, եւ զայն ճոխացնելու համար յարմար աշակերտներ յղել ուսումնական կեդրոնները, որպէսզի եւս քան զեւս վարժուին օտարալեզու ուսմանց մէջ, ծանօթանան անոնց լաւագոյն մատենագրութեանց հետ, եւ ճարտար թարգմանութեամբ ճոխացնեն հայ գրականութեան պաշարը, որպէսզի Հայեր կարողանան անոնցմէ օգտուիլ, առանց օտար լեզուաց համար երկար տարիներ վատնելու: Առաջին ընտրուածներն եղան Յովսէփ Պաղնացի եւ Եզնիկ Կողբացի, որոնց պաշտօն տրուեցաւ Եդեսիա երթալ եւ ասորի մատենագրութեամբ զբաղիլ, եւ անկէ ետքը Բիւզանդիա անցնիլ: Ըստ այսմ ուղեւորեցան եւ սկսան ասորերէն մատենագիրներ զատել, բայց հրապուրական թուղթս ստանալով, թէ Բիւզանդիոյ համար ուրիշներ կը նշանակուին (ԽՈՐ. 258), անմիջապէս ինչ գիրք որ ընտրած էին հաւատարիմ անձանց ձեռօք մեծ վարդապետներուն ղրկեցին (ՍՈՓ. ԺԱ. 16), եւ իրենք առանց հրամանիԵդեսիայէ Բիւզանդիա անցան: Այնտեղ հասան եւս Ղեւոնդ Վանանդեցի եւ Կորիւն Սքանչելի, որոց համար թէպէտ գրուած է թէ յիւրեանց կամաց ելին, սակայն ուրիշ տեղի համար սահմանուած ըլլալնին ըսուած չէ, այլ միայն իւրովի կանխած ըլլալնուն վրայ իմանալու է: Բիւզանդիոյ անունը հրապուրիչ էր ամենուն համար, ուստի նաեւ Յովհան Եկեղեցացի եւ Արձան Արծրունի, որք Կեսարիա ղրկուած էին, բայց տեղերնէն դժգոհ ծուլաբար կը դեգերէին, անոնք ալ միւսներուն ետեւէն հասան Բիւզանդիա, եւ վեցն ալ լաւ ընդունելութիւն գտան Ատտիկոս պատրիարքէն, Սահակի եւ Մեսրոպի մտերիմ բարեկամէն (ԽՈՐ. 259): Թէպէտեւ այստեղ պատմիչը Մաքսիմիանոս պատրիարքի անունը կու տայ, սակայն ժամանակագրական թիւրիմացութիւններ սովորական են Խորենացւոյն պատմութեան մէջ: Մաքսիմիանոս 431-ին աթոռ բարձրացաւ, իսկ մինչեւ 426 Ատտիկոսն էր, անկէ ետքը Սիսինիոս մինչեւ 428, անկէ ետքը Նեստոր մինչեւ 431, եւ միայն Նեստորի անկումէն ետքը ընտրուեցաւ Մաքսիմիանոս: Իսկ այս առաքումները տեղի ունեցան Մեսրոպի Վաղարշապատ դառնալէն անմիջապէս ետքը, 426-էն առաջ, եւ Ատտիկոսի պատրիարքութեան օրով, քանի որ Մաքսիմիանոսի ընտրութեան տարին Սահակ արդէն աքսորուած էր Պարսկաստան: Բիւզանդիա գացողները, ինչ կերպով ալ գացած ըլլան, արդիւնաւոր եղան նախանձաւոր բարեաց եղեալ ուսմանց, ամենայն ժրութեամբ աշխատեցան, եւ քաջ վարժեալ հելլէն դպրութեամբ, ձեռնարկեցին ի թարգմանել եւ ի գրել (ԽՈՐ. 259):

209. ՎՐԱՑ-ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԳԻՐԵՐԸ

Յարմարագոյն կը գտնենք այդ միջոցին յիշել Մեսրոպի մի այլ աշխատութիւնը, զոր կատարեց դրացի ազգերու օգտին, համաձայն մերազնեայ պատմիչներու: Հայոց անգիր վիճակը հասարակ էր դրացի ժողովուրդներուն ալ, եւ Հայոց բախտաւորուիլը հարկաւ անոնց ալ նախանձը պիտի շարժէր: Մեսրոպի համբաւը տարածուած էր իբրեւ գիրերու հնարիչ, ուստի Վրաց կողմանէ եւս կը հրաւիրուէր, իրենց համար ալ նոր տառեր կազմել, եւ Մեսրոպ սիրով կ՚երթար Վրաստան, եւ կը ներկայանար Բակուր թագաւորին եւ Մովսէս եպիսկոպոսապետին (ԿՈՐ. 25): Վրաց լեզուին բոլոր մանրամասնութեանց լաւ տեղեկանալու համար, գրագէտ եւ ճշմարտահաւատ մարդ մը կը գտնէր իրեն օգնական` Ջաղայ դպիրը (ԿՈՐ. 26) եւ այնպէս կը կազմէր եւ կը լրացնէր վրացերէն այբուբէնը (44), եւ թագաւորին պաշտպանութեամբ տղաքներ ժողվելով եւ դպրոցներ բանալով անձամբ առաջին ուսուցումը կը սկսէր, եւ բաւական ժամանակ սորվեցնելէն եւ վարժեցնելէն ետքը, իր աշակերտներէն Սամուէլ Տաշրացին այնտեղ կը թողուր (ԿՈՐ. 26) եւ ինքն կ՚անցնէր Աղուանից երկիրը: Բենիամին անուն մէկ մը, ազգաւ Աղուան, հետամուտ եղած էր Մեսրոպի գիւտին, ու տեսնելով եւ ուսնելով Հայ լեզուին զարգացումը, եւ Մեսրոպի իբր աշակերտ հետեւելով, եւ աղուաներէնի տեղեկութիւնները հաղորդելով, վերջապէս զայն համոզեց իրեն երկրին ալ օգտակար ըլլալ: Մեսրոպ Բենիամինի հետ Աղուանից երկիրը գալով կը ներկայանար Արսվաղ թագաւորին եւ Երեմիա եպիսկոպոսապետին: Այստեղ ալ տառերու կազմութեան գործը աւարտելով ուսուցման եւ հսկողութեան պաշտօնն ալ կը կատարէր միջոց մը, վայելելով Աղուանից թագաւորին եւ եպիսկոպոսապետին հզօր պաշտպանութիւնը, եւ այնչափ արդիւնաւոր կ՚ըլլար Մեսրոպի արդիւնքը, որ վայրենամիտ եւ դատարկասուն եւ անասնաբարոյ աշխարհն Աղուանից, քիչ ատենուան մէջ մարգարէագիրք եւ առաքելածանօթք եւ աւետարանաժառանգք լինէին (ԿՈՐ. 31), որ է ըսել Ս. Գրոց թարգմանութիւնն ալ կ՚ունենային (45): Մեսրոպ ժամանակ մըն ալ այստեղ աշխատելէն ետքը, կրթական գործին հսկողութիւնը կը յանձնէր իր աշակերտներէն Մուշեղ Բալասականի եւ Յովնաթան Աղուանին, անգամ մըն ալ կ՚այցելէր Վրաց, որոնց թագաւորած էր Արձիւղ (ԿՈՐ. 32) կամ Արձիլ (ԽՈՐ. 258), եւ անկէ կը դառնար Վաղարշապատ, եւ ըրածները Սահակի կը պատմէր: Վրացերէն գրականութիւնը մինչեւ ցայսօր կայ, բայց չենք կարծեր որ Վրացիք ինքզինքնին Մեսրոպի շնորհապարտ ճանչնան, իսկ աղուաներէն գրականութեան հետքը չունինք այլեւս: Մենք չուզեցինք լռութեամբ անցնիլ մեր պատմագիրներէն համաձայնութեամբ պատմուած գործերը, մասնագէտներու թողլով, առաւել խորունկ հետազօտութիւնները:

210. ՍԱՀԱԿԻ ՎՐԱՅ ԲՌՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Մեսրոպ կը դառնար, բայց այս անգամ մխիթարական պարագաներու մէջ չէր կատարուէր երկու ամոլակիցներու հանդիպումը: Երբոր Մեսրոպ կրթական առաւելութեամբ կը շրջէր զանազան կողմեր, Սահակ քաղաքական կացութեան հոգերով ծանրացած, եւ անհաճոյ դիպուածներու առջեւ, սաստիկ նեղութեանց ներքեւ ինկած էր, եւ հակառակ իր ծերացած, եւ գրեթէ ութսունամեայ տարիքին պարտաւորուած էր ահագին դժուարութեանց դէմ մաքառիլ: Արտաշիր երիտասարդ թագաւորը, ոչ իւր գործին կարեւորութիւնը կրցաւ ըմբռնել, եւ ոչ ուզեց Սահակի հայրական խրատներէն օգտուիլ, այլ առջի օրէն ցուցած անկարգ ընթացքը օրըստօրէ սաստկացաւ, նախարարներուն հետ յարաբերութիւնները պաղեցան ու խզեցան, ինքն ալ ամէնուն զզուելի դարձաւ: Հարկաւ կուսակցական կիրքերն ալ իրենց դերը ունեցան կացութիւնը եւս քանզեւս զկծեցուցիչ դարձնելու: Արտաշիր շուրջն անցած դարձածը տեսնելով ալ` չէր զգաստանար, եւ իր անառակ եւ անփառունակ ընթացքը կը շարունակէր, մինչեւ որ նախարարներ, իրարու հետ խորհրդակցելով ստուար մեծամասնութեամբ որոշեցին Արտաշիրի գահազրկութեան աշխատիլ` գերիշխան պետութեան դիմելով: Եւ որովհետեւ ուրիշ Արշակունի մըն ալ չկար, որ անոր տեղը բարձրացնէին, իրենցմէ մէկուն ալ թագաւորական գահ բարձրանալու ենթադրութիւնը անհնարին էր, յանձնառու եղան թագաւորութեան դադարումն ալ ընդունիլ, եւ Հայաստանի կառավարութեան պարսիկ մարզպանի յանձնուելուն հաւանիլ: Որպէսզի իրենց դիմումը զօրաւոր ըլլայ, հարկ զգացին եկեղեցական իշխանութիւնն ալ իրենց համաձայնեցնել, եւ Սահակի դիմելով պահանջեցին որ իրենց հետ միաբանի եւ իրենց գործակցի: Այստեղ կը սկսի արիասիրտ ծերունիին աննկուն դիմադրութիւնը, զոր այնչափ գեղեցիկ կերպով ջանացած են ի վեր հանել ժամանակակից պատմագիրները (ՓԱՐ. 19-23, ԽՈՐ. 262-263): Նախարարներ յառաջ կը բերեն Արտաշիրի զեղծումները, իսկ Սահակ կը խրատէ, փոքր մի տանել թերութեան առն, մինչեւ որ հնար լինի յուղղութիւն բերել: Նախարարներ կը սկսին Արտաշիրի անօրէն գործերը համրել դիզաբանելով, Սահակ չ՚ուրանար պատմուածները, ոչ առ սուտս ունիմ զձեզ, բայց դարմանը անհնար չի կարծեր: Նախարարներ գահընկէցութեան առաջարկը կը պնդեն, իսկ Սահակ համբերութեան կը յորդորէ, եւ աղօթքի եւ սիրոյ զօրութիւնը կը բացատրէ: Նախարարներ չեն ուզեր անոր քարոզները լսել, եւ կը պնդեն, մեզ քան զայդ ոչ իմանալ ինչ է եւ ոչ առնել, եւ երբ Սահակ կը յիշեցնէ թէ ուրիշ Արշակունի իշխան չկայ գահ բարձրացնելու համար, նախարարները կը յայտնեն թէ պատրաստ են պարսիկ ածել ունող աշխարհիս: Սահակ սոսկալով կը լսէ այդ պատասխանը, եւ առաքելական սկզբունքը կը յիշեցնէ որ անհաւատից առջեւ դատուելէ խորշին, բայց նախարարներ իրենց որոշումէն ետ չեն դառնար: Հայրապետը նոր առաջարկ մը կը դնէ մէջտեղ, այն է զելս իրաց գտանել կայսերբն Յունաց Թէոդոսիւ, բայց նախարարներ այս կողմ չեն հակիր: Կը տեսնէին որ Բիւզանդիոյ կայսրութիւնը նախարարաց ազատութիւնները կը սեղմէր, մինչ պարսիկ կառավարութիւնը ամէն համարձակութիւն կու տար անոնց, լոկ հարկի մը վճարմամբ: Այդ բանակցութիւնները ամիսներով կ՚երկարին, եւ նախարարներ իրենց որոշումը պնդելով վերջնական կերպով կը դիմեն Սահակին, իսկ նա միշտ անդրդուելի իր միտքին վրայ կը յայտնէ որոշակի, ինձ քաւ լիցի մատնիչ լինել, եւ կը յաւելու թէ ընտրած դատաւորնին աւելի պիղծ է, քան ամբաստանած թագաւորնին, եւ թէ չի կրնար փոխանակել զախտացեալ ոչխար ընդ առողջ գազանի: Ասոր վրայ նախարարները սպառնալիքի կը դիմեն, թէ մեք կամեսցուք քեզ չքահանայանալ մեզ: Սպառնալիքը չէր` որ Սահակի վրայ ազդէր, սակայն չէր կրնար չցաւիլ այն հարուածին համար, զոր Հայ իշխանները կը պատրաստէին Հայութեան գլխուն, եւ միայն վշտացած էր որ չէր յաջողեր չար խորհուրդը խափանել: Այս տագնապներուն մէջ կ՚անցնէր նա բաւական ամիսներ, ստէպ առանձնացած, եւ հազիւ հայրապետանոցի եպիսկոպոսները եւ երէցները եւ սարկաւագները կրնային իրեն վրայ վայրկենական սփոփանք ազդել (ՓԱՐ. 20), Մեսրոպն ունենալով իրենց գլուխը:

211. ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԻԼԸ

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428 ձմեռուան միջոցին: Կարծես թէ նահանջ տարիներու ձախողութեան նախապաշարումը, իրեն հաստատութեան փաստ մը կը գտնէր այդ պարագային մէջ: Հայոց հին շարժական տոմարը, որ տարիներու համար 365 օրերու հաստատուն չափ մը ունի, պարտաւորուած էր իւրաքանչիւր տարւոյ յաւելուածական ժամերը գումարելով իւրաքանչիւր Հայկայ շրջանին վերջը, այսինքն է 1460 տարիներ ետքը, ամբողջ նահանջ տարի մը աւելցնել, նոր շրջանին չանցած, եւ անով արեգակնային շրջանին ուղղութիւնը գտնել: Հայկայ երկրորդ շրջանը աւարտած էր 427 Օգոստոս 11ին, եւ յաջորդ Օգոստոս 12 օրէն սկսած էր նահանջ տարին, որ պիտի տեւէր մինչեւ 428 Օգոստոս 10, եւ ճիշդ այդ նահանջներու նահանջ տարւոյն մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Արշակունի հարստութեան դադարումը, եւ Հայաստանի թագաւորութեան վերջնական անկումը, քանի որ Բագրատունիք եւ Արծրունիք մասնաւոր նահանգներու հարկատու իշխաններ եղան, իսկ Ռուբինեանք բուն Հայաստանէ դուրս իշխեցին: Նախարարներ, որ իրենց վնասակար մտածմունքէն ետ չէին կեցած, հազիւ թէ 428 տարւոյ գարնան դուռները բացուեցան, եւ Ապրիլ 3-ին Զատիկն ալ տօնեցին, միաբանեալ ամենեքին բազմաթիւ պատգամաւորութեամբ անցին առ արքայն Պարսից Վռամ, որպէսզի երթան չարախօսել զարքայէն իւրեանց Արտաշրէ` անոր անառակ ընթացքէն դրդուած, եւ որովհետեւ Սահակի համար այս տեսակ բան մը չէին կրնար ըսել, անոր համար ալ մտածեցին չարախօսել թէ է զՅունովք գլեալ խորհուրդովն: Նոյնը հարկաւ Արտաշիրի վրայ ալ տարածեցին, վասնզի գիտէին թէ Վռամի վրայ չէին կրնար ազդել պարզ անառակութեան ամբաստանութիւնները: Նախարարներ անհրաժեշտ համարած էին եկեղեցական նշանաւոր անձնաւորութեան մը իրենց հետ գտնուիլը, եւ երբ որ չկրցան Սահակի համաձայնութիւնը ստանալ, իրենց հետ առին Սուրմակը, իբրեւ եկեղեցականութեան ներկայացուցիչ: Սուրմակ լոկ նախատանաց համար կոչուած է ոմն Արծկէացի փառամոլ երէց (ԽՈՐ. 263), կամ երէց մի ի գաւառէն Բզնունեաց, ի գեղջէն որ կոչի Արծկէ (ՓԱՐ. 23), բայց որեւէ մի անծանօթ երէց մը չէր կրնար վարել այն դերը, զոր նախարարներ կ՚ուզէին տալ: Պատմագիրը անցողաբար կը յիշէ թէ էր նա ի տոհմէ քահանայից գաւառին (ՓԱՐ. 23), ուրիշ տեղ ալ կը յիշուի որ զիւրոյ գաւառին զԲզնունեաց զեպիսկոպոսութիւնն ունէր (ԽՈՐ. 265), եւ մինչեւ իսկ կարող կ՚ըլլայ իր վիճակը ընդարձակել, ուրիշներուն վիճակները գրաւելով (ԽՈՐ. 268): Արդ, Բզնունեաց եպիսկոպոսութիւնն է նոյնինքն Աղբիանոսի վիճակը (ԱՐԾ. 92), որուն ցեղէն եղան Հայոց կաթողիկոսները, երբոր Լուսաւորչի տունէն ընտրելիներ պակսեցան 156): Միեւնոյն հիմամբ եղած է, այս անգամուան փոխանակութիւնն ալ: Սուրմակ, Մանազկերտացեաց կամ Աղբիանոսական տոհմին գլուխն էր, որ Շահակէ եւ Զաւէնէ եւ Ասպուրակէսէ ետքը յուսացած էր հարկաւ կաթողիկոսութեան հասնիլ, եւ հաճութեամբ չէր տեսած Սահակի աթոռ բարձրանալը: Այս անգամ, որ Սահակը պաշտօնանկ ընելու խորհուրդը յղացուած էր, եւ Լուսաւորչի տունէն ուրիշ ընտրելի մնացած չէր, Սուրմակ բնական կերպով մը առաջ անցած է, իր կողմէն ամէն տեսակ լրբութիւն ալ աւելցնելով, որպէսզի Սահակի պաշտօնանկութիւնը հաստատուի, եւ իրեն կաթողիկոսութեան դուռ բացուի: Ահա թէ ինչպէս Սուրմակ կրցաւ իբրեւ նշանաւոր եւ հեղինակաւոր անձ մը, Հայ եկեղեցականութեան ներկայացուցիչ նկատուիլ:

212. ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով ներկայացուցին իրենց ամբաստանութիւնները, Վռամ գործին օրինական ձեւ տալու համար, Արտաշիրն ու Սահակն ալ Տիզբոն կանչեց, եւ անոնք իրենց հաւատարմութիւնը ջատագովեցին: Վռամ կ՚աշխատէր որ Սահակը պաշտօնի վրայ մնայ, եւ Սուրէն Պահլաւին պաշտօն տուաւ որ անիկա համոզէ նախարարներուն հետ միանալ Արտաշիրի դէմ. սակայն Սահակ անդրդուելի կերպով կը պատասխանէ, թէ Արտաշիր հաւատարմութեան մասին վատթարութիւն ըրած չէ, քրիստոնէութեան սրբանուէր օրէնքներու դէմ մեղանչած է, բայց անիկա ձեր օրէնքով աւելի գովութեան արժանի է եւ մեծարանաց (ՓԱՐ. 24): Վռամ տեսնելով թէ Սահակը դուրս թողլու միջոցն ալ չի յաջողիր, բազմամբոխ ատեան կը գումարէ, ուր նախարարներբազում աղտեղաբանութիւնս եւ ազգի ազգի խօսս անարժանութեան կը խօսին թագաւորին եւ կաթողիկոսին դէմ (ՓԱՐ. 24), եւ Սահակին կանուխէն Յունաց կայսեր եւ հայրապետին ըրած թղթակցութիւնը իբր քաղաքական դաւաճանութիւն կը ներկայեն (ԱՐԾ. 29): Իսկ Սուրմակ խօսէր բանս անհանճարս եւ առաւել աղտեղիս քան զամենայն նախարարսն (ՓԱՐ. 23), եւ ամէնքն ալ միաձայնութեամբ յանձն կ՚առնուին, թէ բնաւ չի՞ իսկ եւս պիտոյ է թագաւոր, թող իշխան պարսիկ ըստ ժամանակի եկեալ վերակացու լիցի (ՓԱՐ. 24): Ասկէ յաջող պարագայ մը չէին կրնար սպասել Վռամ ալ իր աւագանին ալ, եւ թագաւորական վճռով Արտաշիր կը զրկուէր թագաւորութենէ, եւ Սահակ կաթողիկոսութենէ, Վեհմիհրշապուհ պարսիկ կ՚անուանուէր մարզպան Հայաստանի, եւ Սուրմակ Մանազկերտացի կը նշանակուէր կաթողիկոս (ԽՈՐ. 265) ինչպէս որ զաթոռ եպիսկոպոսապետութեան էր նմա նախարարացն խոստացեալ (ԽՈՐ. 264): Արտաշիրի համար հրամայուեցաւ անդէն արգելուլ զնա, եւ զամենայն ինչս ազգի նորա ունել յարքունիս, նոյնպէս եւ զմեծն Սահակ իբրեւ աքսորական Պարսկաստանի մէջ պահեցին, եւ զտուն կաթողիկոսութեան եւս յարքունիս գրաւեցին: Արտաշիրի եւ Սահակի համար բերդարգել բանտարկութեան տեղ մը յիշուած չէ, եւ կ՚երեւի թէ Տիզբոնի մէջ պահուեցան տանելի կերպով մը: Եթէ այդ գործողութեանց արտաքին ձեւերը նայինք, կը գտնենք ազգին կողմէն իր կաթողիկոսին պաշտօնանկութեան համար կազմակերպեալ առաջարկ մը, եւ վեհապետական իշխանութեամբ նոյն առաջարկին հաստատութիւնը, որք կրնան օրինական ձեւեր կարծուիլ: Սակայն կը պակսէր Եկեղեցւոյ կամքը, եւ եկեղեցական տարրին համամտութիւնը, եւ այս բաւական եղաւ որ Սահակը օրինաւորապէս կաթողիկոսութենէ դադարած չսեպուէր, եւ Սուրմակ հոգեւորական իշխանութեան կատարելապէս չտիրանար: Սա կրցաւ հայրապետանոցը գրաւել, կալուածներուն տիրանալ, եւ Պարսիկ կառավարութեան կողմէն Հայ Եկեղեցւոյ պետ նկատուիլ, այլ ներքին հոգեւորական իշխանութեան իրաւունքները չկրցաւ գործադրել: Հայ եպիսկոպոսութիւնը եւ քահանայական խումբերու աւագութիւնը մեծաւ մասամբ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան ձեռքն էր անցած, որք ոչ մի կերպով չուզեցին իրենց վարդապետներէն բաժնուիլ, եւ ոչ ալ Սուրմակը իբր օրինաւոր կաթողիկոս ճանչնալ: Ժողովուրդն ալ, որ մասնակից չէր նախարարներուն անձնասէր եւ ազգակործան խորհուրդներուն, այդ մասին իր հոգեւոր պետերուն հետ կապուած մնաց: Բազմութիւնք եպիսկոպոսացն միշտ միացած մնացին հանդերձ երանելեաւն Մեսրոպաւ (ԽՈՐ. 266), որ կերպով մը Սահակի տեղակալ նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ, անոր հետ ներքին յարաբերութիւնները երբեք չդադրեցան, եւ Սուրմակ հակառակաթոռ մը եղաւ պարզապէս, եւ այնպէս ալ մնաց ժամանակին սերունդին աչքին եւ պատմութեան առջեւ: Բնական էր որ Սուրմակի իրաւասութիւնը չկարենար ճանչցուիլ Յունական բաժնին մէջ, ուստի Անատոլիոս, իբր ընդհանուր կուսակալ` Յունական Հայաստանի հոգեւորական գլուխ նշանակեց Հաւուկ Կուկռճացին (ԱՐԾ. 50) կամ Կուկայառիճցին, որ թէպէտ եպիսկոպոսապետ կը կոչուի, այլ հաւանօրէն Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսին ենթարկուած էր:

213. ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր կուսակից նախարարները կրցաւ գոհացնել, եւ շուտով ի նոցին նախարարացն հալածեցաւ յաթոռոյն, որոնք տարի մը ետքը Վռամի դիմելով նոր կաթողիկոս ուզեցին (ԽՈՐ. 265), ինչ որ Պարսից արքունեաց համար անտարբեր բան մըն էր, եւ գանձուելիք տուրքերուն եւ պարգեւներուն նշանակութիւնը միայն կրնար ունենալ: Այս անգամ նախարարները աւելի եւս պառակտեալ` ընտրելի մըն ալ չկրցան ներկայել, որով Վռամ կրցաւ բոլորովին օտար եւ դուրսէն, ասորի եկեղեցական մը, Բրքիշոյ անունով, Հայոց կաթողիկոս նշանակել, թերեւս մտածելով, որ բոլորովին օտար մը, իբրեւ կատարելապէս չէզոք անձ, կարենայ դիւրաւ վերջ դնել կուսակցական պառակտումներուն: Բրքիշոյ 329-ին պաշտօնի անցաւ, եւ իւրովք գաւառակցօքլեցուց հայրապետանոցը, որոնք ըստ սովորութեան իւրեանց աշխարհին, տանտիկնօք ընկերացած էին (ՓԱՐ. 26), այսինքն հետերնին ունէին կանայս տնկալուչս (ԽՈՐ. 265), եւ ոչ կէին ըստ սուրբ եւ անբիծ կրօնիցն, որ թէ Պարթեւազնեան եւ թէ Մանազկերտացի կաթողիկոսներուն օրով պահուած էր: Ինքն Բրքիշոյ ալ անժուժաբար եւ աւելորդօք եւ յափշտակութեամբ միայն ստակ դիզելու կը նայէր(ԽՈՐ. 265), եւ ոչ միայն սքանչելի քահանայք սուրբ եկեղեցւոյ, որք յառաքելանման աջոյ սուրբ հայրապետին Սահակայ ձեռնադրեալ էին չէին կրնար հանդուրժել, այլեւ մեծամեծ տանուտեարքն Հայոց եւ աւագ սեպուհքն տաղտկացած ու ձանձրացած էին (ՓԱՐ. 26), այնպէս որ տանել ոչ կարացեալ նախարարացն` կ՚որոշեն վերջապէս փոխել զնա: Բայց եւ ոչ այս առթին կրցան համաձայնութեան մը յանգիլ, ոմանք Սահակի վերադարձը պաշտպանելով, եւ ուրիշներ նոր մէկը մը կաթողիկոսացնել ուզելով (ԽՈՐ. 265): Այդ պատճառով Բրքիշոյ կրցաւ ամս երիս ձեռք ձգած կացութենէն օգտուիլ: Վերջապէս երկու կողմեր զատ զատ պատգամաւորներ յղեցին Վռամի, Վաչէ Արծրունի եւ Հմայեակ Աշոցեան կը ներկայացնէին Բրքիշոյի տեղ որեւէ մէկ մը ուզողները, իսկ Մանէճ Ապահունի եւ Սպանդարատ Արշարունի` Սահակի վերադարձին կողմը եղողները կը ներկայացնէին, իրենց հետ ունենալով նաեւ Տիրուկ Զարիշատցի քահանան եկեղեցականութեան կողմէն: Իբր երրորդ պատգամաւորութիւն եկած էր Հաւուկ Կուկայառիճցին, Կարինէ յղուած Անատոլիոսի կողմէն, որպէսզի Սահակի ներուի Յունաց բաժինը անցնիլ:

214. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

Վռամ երկու կողմերն ալ ուզեց հաճեցնել, Բրքիշոն պաշտօնանկ հռչակեց, Սահակի ազատութիւն շնորհեց, եւ լոկ կրօնական գործերով զբաղիլը արտօնեց, միայն թէ կաթողիկոսութեան արտաքին եւ քաղաքական գործերը չուզեց որ ստանձնէ, եւ անոնց համար նորէն ասորի մը նշանակեց Շամուէլ (ՓԱՐ. 26) կամ Շմուէլ անունով (ԽՈՐ. 266): Քանիցս յիշեցինք որ հայրապետական պաշտօնը լոկ կրօնական ձեռնհասութենէ զատ, քաղաքական եւ ազգային իրաւունքներ ալ կը վայելէր, եւ արքունական իշխանութեան մօտ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր: Պատմիչին այստեղ յիշած քանի մը բառերը լաւագոյն եւս կը լուսաբանեն այս կէտը, եւ կը ցուցնեն թէ յատկապէս որո՞նք էին այդ գործերը, որոնք հայրապետական պաշտօնին արտաքին մասը կը կազմէին: Ասոնք են. 1. Ընկերել մարզպանին, 2. Կալ ի վերայ բաշխից, 3. Ի վերայ հարկաց խնդրեցելոց, 4. Ի վերայ դատաստանաց, 5. Ի վերայ այլ աշխարհական կարգաց, 6. Ձեռնադրութեան արտօնութիւն տալ (ԽՈՐ. 266): Գլխաւորապէս դատաստաններն ու տուրքերն են, որք հայրապետութեան պահուած են, տուրքերուն մէջ ալ թէ' հաստատուն բաշխուածները, եւ թէ' մասնաւորապէս խնդրուածները: Իսկ Սահակի թողուած մասերն էին, Վարդապետութիւն սովորական կրօնիցն, եւ Ձեռնադրութիւն այնոցիկ զորոց եւ Շմուէլն յանձն առնուցու (ԽՈՐ. 26): Վռամ յատկապէս իր առջեւը կը հրաւիրէ Սահակը, եւ կ՚երդմնեցուցանէ որ Հայաստան դառնալով զգոյշ լինի միամիտ կալ ի ծառայութիւն Պարսից, ոչ խորհել իրս ապստամբութեան, եւ ոչ ալ պատրիլ ի մոլար հաւատակցութիւնն Յունաց, որուն վրայ Սահակ, ութսունեւչորս տարեկան ծերունին, ընդարձակ կը բացատրէ զերախտիս ծառայութեան, զոր ինքն ցուցուցած էր ի նպաստ պետութեան, կը ցրէ մոլար հաւատակցութիւն ըսածը ըստ հանդուրժելոյ հեթանոսական լսելեաց, այնպէս որ թագաւորն ալ, աւագանին ալ կը զարմանան, եւ Վռամ կը հրամայէ արծաթ բազում տալ նմա, իբր քաջաբանի եւ ուժգնասրտի առն համարձակախօսի: Սահակ դրամը կը մերժէ, եւ իբր պարգեւ կը խնդրէ, որ Հայոց նախարարներուն գահերը պահուին եւ մարզպաններ չկարենան այլայլել, Հրահատ Կամսարականի որդին Գազաւոն իր աստիճանին մէջ վերահաստատուի, եւ Վարդան իր թոռը` Մամիկոնեանց տանուտէրութեան գլուխ ճանչցուի: Վռամ կը շնորհէ խնդիրները, միանգամայն անոր կը դարձնէ սակաւ գիւղս որ իրեն բնակութիւն եւ ապրուստ ունենայ (ԽՈՐ. 267): Այս պայմաններով Սահակ նորէն Հայաստան կը դառնար 432-ին, չորս տարուան աքսորական բացակայութենէ ետքը:

215. ԲԱԳՐԵՒԱՆԴԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆՈՑԸ

Նոր կացութիւն մը կը ստեղծուի Հայաստանի մէջ: Կատարեալ կարգաւորութիւն չէր, բայց մասնաւոր գոհունակութեան արժանի վիճակ մըն էր, որովհետեւ Վեհմիհրշապուհի ալ հրահանգ տրուած էր Հայերը չնեղել, հնարաւոր դիւրութիւնները ընծայել, կրօնական խնդիրները ազատ թողուլ, եւ Պարսից տիրապետութիւնը սիրելի ընել տալ: Էջմիածինը կամ Վաղարշապատի կաթողիկէն Շմուէլի ձեռքն էր, որով Սահակ իրեն աթոռանիստ ըրաւ Բագրեւանդայ լուսաւորչաշէն տաճարը, ուր ծագեաց յերկնուստ լոյսն ի մկրտել սրբոյն Գրիգորի զՏրդատ (ԽՈՐ. 259), որ է այժմեան Ալաշկերտի Իւչքիլիսէի վանքը: Միանգամայն Մեսրոպը պաշտօնապէս խարսխեաց յեկեղեցւոջն կաթուղիկէ որ ի Վաղարշապատ քաղաքի, իբր իր տեղակալը հոգեւորական գործերու համար այնտեղ դիմողները գոհացնելու, եւ Շմուէլի գործառնութեանց վրայ հսկելու: Ինքն Սահակ Բագրեւանդ կը մնար, իրեն շուրջը ունենալով իր աշակերտներէն քանի մը հատը, եւ անոնց գլուխը Ղեւոնդ Վանանդեցին, որ նոր հայրապետանոցին մէջ Սահակի գլխաւոր օգնականն եղաւ Կոստանդնուպոլսէ դառնալէն ետքը (ԱՐԾ. 81): Իսկ Շմուէլ մինակ ստակ դիզելու մտադիր, եկեղեցական կալուածները իւրացնելու կ՚աշխատէր, եւ ուրիշ վիճակներու իրաւունքներն ալ վայելելու համար, վախճանեալ եպիսկոպոսներու յաջորդներ ձեռնադրելու հաւանութիւն չէր տար, պաշտօնի վրայ եղողներն ալ սնոտի պատճառանքներով կամ դոյզն ինչ պատճառս գտեալ կը հալածէր եւ կը հետապնդէր, եւ անոնց ամենուն իրաւունքները իրեն կողմը կը կորզէր: Իր կենցաղական վիճակն ալ ըստ ամենայնի կը նմանէրվարուցն Բրքիշոյի (ԽՈՐ. 268), խենէշ տան մը կերպարանը տալով Գրիգորներու եւ Ներսէսներու սրբակրօն հայրապետանոցին: Այսուհանդերձ եպիսկոպոսներ եւ նախարարներ շատ մտադրութիւն չդարձուցին, քանի որ Սահակի ներկայութեամբ կը մխիթարուէին, որ ոչ միայն Բագրեւանդի կեդրոնէն իր հսկողութիւնը կը տարածէր, եւ իր աշակերտներով պէտք եղած հոգածութիւնը կը կատարէր, այլեւ ծերացեալ հասակին ներելուն չափ զանազան կողմեր կը շրջէր, եւ ժողովուրդը կը մխիթարէր, մանաւանդ Տարոնի կողմերը: Այս պատճառով կրցաւ Շմուէլ ամս հինգ աթոռին վրայ մնալ, պաշտօնը շարունակել, եւ մեռնիլ ի մերում աշխարհիս հակաթոռ կաթողիկոսութեան մէջ (ԽՈՐ. 269):

216. ԵՓԵՍՈՍԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Սահակ թէպէտ ծերացեալ, թէպէտ առանձնացեալ, եւ գրեթէ անպաշտօն հայրապետութեան դերի մէջ փակուած, ոչ միայն ազգային եկեղեցիով կը զբաղէր, այլեւ ընդհանուր եկեղեցւոյ շահերուն եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ճշդութեան համար աչալուրջ հսկողութիւն կ՚ընէր: Նեստոր Գերմանիկցի, Անտիոքի դպրոցի աշակերտներէն, 428-ին Սիսինիոսի յաջորդած էր Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան մէջ, բաւական հռչակ ստացած ըլլալով Արիանոսաց եւ Նովատեանց դէմ վարած պայքարներովը: Քրիստոսի աստուածութեան եւ Բանին մարդեղութեան խորհուրդը պաշտպանելով, եւ Քրիստոսի ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ ըլլալը բացատրելով, սկսաւ ըսել թէ Աստուած ի մարդն բնակեալ է միայն եւ անմասն է ամէն մարդկային բնութեան գործերէ, որով երկու տարբեր անձեր կ՚ենթադրէր ի Քրիստոս, եւ մարդեղութիւնը եւ միաւորութիւնը ջնջած կ՚ըլլար, փրկագործ տնօրէնութիւններն ալ միայնոյ մարդոյ վերագրելով, պարզապէս մարդադաւան սկզբունք մը քարոզած կ՚ըլլար: Այդ դրութիւնը սակայն Նեստորի հեղինակութիւն չէր, որովհետեւ իրմէ առաջ նոյնպէս խօսած ու գրած էր Թէոդորոս եպիսկոպոս Մոպսուեստիոյ, եւ Նեստոր աշակերտելով եւ անկէ առնելով կրցած էր իւրացնել, որովհետեւ Թէոդորոս վախճանած էր նոյն տարին` որ Նեստոր պատրիարքութեան բարձրանալով, իրաւունք ստացած էր աւելի հեղինակութեամբ խօսելու: Նեստորի դէմ ելաւ Կիւրեղ հայրապետ Աղեքսանդրիոյ, եւ Նեստորի վարդապետութեան մոլորութիւնները մէջտեղ դրաւ, Քրիստոսի վրայէն բաժանման տեսութիւնը հեռացնելու համար մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ բանաձեւը հռչակեց, եւ գլուխ կանգնեցաւ Եփեսոսի երրորդ սուրբ ժողովին, որ գումարուեցաւ 431-ին, ուր Նեստոր նզովուեցաւ, աթոռէն զրկուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, եւ Մաքսիմիանոս Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք ընտրուեցաւ: Ասոր հոգածութեամբ ամէն կողմ տարածուեցան Եփեսոսի վճիռները, եւ Հայոց հայրապետութեան ալ յղուեցան: Սահակի աշակերտներէն վեցերը, Յովհան, Յովսէփ, Ղեւոնդ, Եզնիկ, Արձան եւ Կորիւն 426-էն առաջ Բիւզանդիա եկած էին եւ ուսմանց եւ թարգմանութեանց կը պարապէին: Մաքսիմիանոս անոնց յանձնեց սիւնհոդական վճիռները որ տանին, միանգամայն Ս. Գրոց ընտրելագոյն օրինակ մըն ալ, եւ զիրենք փութացուց օր առաջ երթալ եւ վճիռները հասցնել Սահակ հայրապետին եւ Մեսրոպ վարդապետին, որպէսզի Նեստորի հետեւողներ առիթ չգտնեն իրենց մոլորութիւնները այն կողմերը տարածելու: Նեստորականներ կայսերական սահմաններէն վտարուելով, Պարսից տէրութեան կողմերը կը տարածուէին, եւ Պարսից կողմանէ լաւ ընդունելութիւն կը գտնէին իբր հակայունական մի տարր: Վեց աշակերտները Հայաստան հասան Սահակի Պարսկաստանէ դառնալէն քիչ ետքը` 432ին, եւ երկու վարդապետները գտան յԱշտիշատ Տարոնոյ, եւ ներկայեցին զկանոնս ժողովոյն Եփեսոսի (ԽՈՐ. 260): Անոնք ալ ընդհանուր եկեղեցւոյ համամիտ վճիռը յարգելով, եւ իրենց ալ ունեցած ուղղափառ վարդապետութեան վրայ հիմնուելով, մերժելով մերժեցին Նեստորական մոլորութիւնը, եւ հրամայեցին զկամակոր հերձուածողսն ի բաց հալածել յիւրեանց աշխարհէն (ՍՈՓ. ԺԱ. 29):

217. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՄՈՊՍՈՒԵՍՏԱՑԻ

Սահակի գործունէութիւնը լոկ Եփեսոսեան կանոններուն ջատագովութեամբ չվերջացաւ, նա մտադրութիւն դարձուց եւս Նեստորականներուն նոր հնարքներուն վրայ: Եփեսոսի ժողովը միայն Նեստորի վրայ էր խօսած եւ անոր գրուածները դատապարտած, եւ Նեստորականք իրենց պաշտպանութեան համար առջեւ կը բերէին Թէոդորոս Մոպսուեստացւոյն գրուածները, որոնց հետեւած էր Նեստոր, անկէ առաջ ալ Դիոդորոս Տարսոնացւոյն գիրքերուն մէջ երեւցած էին նեստորական վարդապետութեան սերմերը, թէպէտեւ Դիոդորոս Բարսեղի եւ Ոսկեբերանի վարդապետն էր եղած, եւ օրհնութեամբ վախճանած էր 390-ին: Բայց աւելի Թէոդորոսի գրուածներն էին որոնք Նեստորականաց ձեռքը իրենց պաշտպանութեան կը ծառայէին, որովհետեւ Եփեսոսի ժողովը անոնց դէմ վճիռ մը չէր արձակած: Սահակի տեսութենէն վրիպած չէին այդ հնարիմաց ջատագովութիւնները, եւ անոնց մասին ալ զգուշաւորութիւններ ձեռք առած էր: Միւս կողմէն Եփեսոսեան դաւանութեան գլխաւոր պաշտպաններ, Կիւրեղ Աղեքսանդրիոյ, Պրոկղոս Կոստանդնուպոլսոյ եւ Ակակիոս Մելետինոյ հայրապետներ, լսելով թէ Նեստորականք առեալ զգիրսն Թէոդորոսի Մամուեստացւոյ, կամ Մոպսուեստացւոյ, զվարդապետին Նեստորի եւ զաշակերտին Դիոդորի, եւ ոչ Թէոդորի, գնացին յաշխարհն Հայոց (ԽՈՐ. 260), հարկ սեպեցին զգուշացնելու թուղթեր գրել Սահակի եւ Մեսրոպի: Պրոկղի(ԹՂԹ. 1) եւ Ակակի (ԹՂԹ. 14) թուղթերուն պատճէններն ունինք, իսկ Կիւրեղինը ոչ: Այս թուղթերուն գրութիւնը պէտք է 435-ին, գոնէ 434-ին վերջերը թողուլ, վասնզի սոյն տարւոյ կէսին միայն Պրոկղ յաջորդեց Մաքսիմիանոսի: Սահակ եւ Մեսրոպ պարտուպատշաճ կերպով պատասխանեցին Պրոկղի, ընդարձակ բացատրելով իրենց դաւանութիւնը (ԹՂԹ. 9), եւ միանգամայն յայտնելով թէ իրենց կողմերը ազատ են Նեստորական մոլորութենէ, եւ թէ ի շնորհացն Աստուծոյ այնպիսի ինչ աստ չեւ է հասեալ, եւ եթէ երեւան գայ ի հարկէ ջան լիցի մեզ խլել զխոչն (ԹՂԹ. 13): Նոյն յայտարարութիւնը կրկնեցին Ակակի ալ (ԹՂԹ. 18): Հայոց հայրապետին այդ յայտարարութիւնները մեծապէս գնահատուեցան մանաւանդ Պրոկղի կողմէն, եւ իբր կարեւոր մի վկայութիւն նկատուեցաւ ու պահուեցաւ Հայոց եկեղեցւոյն հեղինակութիւնը, այնպէս որ 553-ին գումարուած Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին մէջ, ուր Երեք Գլուխները դատապարտուեցան, Հայոց թուղթն ալ իբր ուղղափառութեան փաստ հանդիսապէս կարդացուեցաւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի թուղթէն անմիջապէս ետքը: Օձնեցին կ՚ըսէ թէ այս առթիւ Աշտիշատի մէջ ազգային ժողով մըն ալ գումարուած է Սահակի նախագահութեամբ (ԹՂԹ. 220), սակայն ժամանակակիցներու մօտ այսպիսի յիշատակութիւն յայտնի չենք գտներ, եւ կ՚երեւի թէ Օձնեցին պէտք տեսած է երեք սուրբ ժողովներուն մէյմէկ ազգային ժողով կցել: Որովհետեւ առաջին ազգային ժողովը կը դնէ յորժամ եկն Ռստակէս ի Նիկիոյ, եւ երկրորդը յորժամ Ներսէս դարձաւ ի Կոստանդնուպոլսի ժողովոյն, եւ երրորդը յորժամ հասին թուղթքն ի Կիւրղէ եւ ի Պրոկղէ որ յԵփեսոս (ԹՂԹ. 220): Բայց, ինչպէս ցուցուցինք, Ներսէս Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին չգտնուեցաւ 136), Պրոկղ ալ Եփեսոսի ժողովէն տարիներ ետքը պատրիարք եղաւ: Բայց եթէ պաշտօնապէս ազգային ժողով մը չգումարուեցաւ, եւ թերեւս Սահակ չկարենար ալ այսպիսի համախմբութիւն մը կատարել, պետական կաթողիկոսութիւնը Շմուէլի ձեռքն ըլլալով, հարկաւ իրեն աշակերտներէն շատերուն հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ եւ զգուշանալու հրահանգներ ղրկեց ամէն կողմ:

218. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յիշեցինք վերեւ թէ Մաքսիմիանոս պատրիարք Եփեսոսի կանոններուն հետ յղեց նաեւ զստոյգ օրինակս գրոց, այսինքն Աստուածաշունչ գրոց ընտիր եւ խնամով ուղղագրուած օրինակ մը: Խորենացի կ՚աւելցնէ, թէ Սահակ ու Մեսրոպ այդ օրինակը առնելով դարձեալ թարգմանեցին զմիանգամ թարգմանեալն, որ է ըսել թէ նորինորոյ Աստուածաշունչի թարգմանութեան ձեռք զարկին ութսունհինգ տարեկան Սահակը եւ ութսուն տարեկան Մեսրոպը, ինչ որ բնաւ խելքի մօտ ենթադրութիւն մը չէ. մանաւանդ որ Կորիւնի գրածին համեմատ, կանխաւ կատարուած թարգմանութիւնը լրացեալ ու վերջացեալ գործ մըն էր, եւ գրեթէ երեսուն տարի էր որ հայերէն Աստուածաշունչը ընդհանուր կիրառութեան մտած էր, եւ ժողովրդականացած էր: Խորենացի կ՚աւելցնէ եւս, թէ այս նոր թարգմանութիւնը կատարուեցաւ փութանակի հանդերձանօք վերստին յօրինեալ նորոգմամբ, այսինքն թէ կատարուեցաւ ամբողջաբար եւ նորինորոյ յօրինմամբ, եւ այն շուտշուտ, օգտուելով Բիւզանդիոնէ դարձող աշակերտներուն ստացած հմտութենէն: Այդ պարագաները աւելի եւս անհաւանական կը դարձնեն 433-էն ետքը կատարուող նորինորոյ թարգմանութիւնը: Այդ անհաւանականութիւնը եւսքան զեւս կ՚աճի երբոր կ՚ըսէ թէ նոյնիսկ այս նոր թարգմանութենէն ետքը ի բազում մասանց թերացեալ գործն գտանէր որովհետեւ անգէտք էին մերում արուեստի: Անգէտ եղողներ կ՚ըլլան Սահակ ու Մեսրոպ, եւ Բիւզանդիոնէ դարձող վեց երիցագոյն աշակերտները, Յովհան, Յովսէփ, Ղեւոնդ, Եզնիկ, Արձան ու Կորիւն, իսկ մերում արուեստի ըսուածն ալ պէտք է ըլլայ յունարէնի հմտութիւնը եւ թարգմանելու յաջողակութիւնը: Իրաւ որ պէտք էր բոլոր ժամանակակիցներու, Կորիւնի ու Փարպեցիի ու նոյնիսկ Խորենացիի առաջուընէ գրածները ջնջել, ու Սահակի ու Մեսրոպի շռայլուած գովեստները հերքել, եթէ պէտք ըլլար այդ հատուածին կարեւորութիւն տալ: Չենք գիտեր եւս թէ որո՞նք են զմեզ բառին ներքեւ ծածկուածները, զորս Սահակ ու Մեսրոպ Աղեքսանդրիա կը յղեն, ի լեզու պանծալի, Կեսարիայէ, Բիւզանդիոնէ եւ Աթէնքէ գերազանց կարծուած յունարէնի ճեմարանը, որպէսզի անոնց ձեռքով անգամ մը նորէն թարգմանուի Աստուածաշունչը (ԽՈՐ. 260), ինչ որ երբէք եղած չէ այլեւս, եւ ոչ մի տեղ ալ այս տեսակ ակնարկ մը տեսնուած չէ: Մենք կը դժուարանանք որեւէ կարեւորութիւն տալ այդ հատուածին, եւ կը համաձայնինք ալ, որ նոյնիսկ այդ կտորը փաստ մըն է անոնց ձեռքը, որ Խորենացիի անունով ճանչցուած պատմութեան` ժամանակակից գործ մը չլինելը կը պաշտպանեն: Իբր պատմական պարագայ կրնանք միայն ընդունիլ, թէ նոր եւ ընտիր օրինակին Բիւզանդիոնէ հասնելէն ետքը, Սահակ եւ Մեսրոպ Բիւզանդիոնէ դարձող վեցերու հետ մէկտեղ, անգամ մըն ալ աչքէ անցուցին արդէն կատարուած թարգմանութիւնը, ոչ թէ անոր թերացեալ գործ ըլլալուն համար, այլ տեսնելու թէ իրենց ունեցած յունարէն օրինակը եւ նոր հասնող օրինակը կարեւոր եւ աչքի զարնող տարբերութիւններ ունի՞ն արդեօք իրենց մէջ:

219. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ ԳԱՑՈՂՆԵՐԸ

Խորենացւոյ պատմութենէն առջեւ բերած կտորնիս այն իմաստը կու տայ, թէ Բիւզանդիա ղրկուած վեց աշակերտներուն դառնալէն ետքը, նոր խումբ մըն ալ ղրկուեցաւ Աղեքսանդրիա, եւս քան զեւս կատարելագործուելու համար: Եղելութեանց ընթացքը բոլորովին անհաւանական չի ցուցներ այդ առաքումը, ոչ թէ յունարէնի կատարելագործմամբ Ս. Գրոց անթերի թարգմանութիւնը կատարելու դիտմամբ, ինչպէս պատմիչը կը փափաքի ցուցնել, այլ քրիստոնէական վարդապետութեան եւ եկեղեցական աւանդութեան զուտ եւ կատարելապէս ուղղափառ ուսումը ստանալու համար (46): Անդստին առաջին ժամանակներէ Աղեքսանդր, Աթանաս եւ Թէոփիլէ Աղեքսանդրիոյ հայրապետներ մեծ անուն շահած էին հերետիկոսութեանց դէմ զօրաւոր պայքարներ մղելով, վերջին ատեններ ալ Կիւրեղ հայրապետին Նեստորի վրայ տարած յաղթանակը աւելի եւս բարձրացուց Աղեքսանդրիոյ աթոռին եւ ճեմարանին համբաւը, եւ շատ հաւանական կը տեսնուի, որ քանի մը աշակերտներ ալ այն կողմ յղելու գաղափարը ծագած ըլլայ: Սակայն Խորենացիի պատմութիւնը այդ կողմը չի շօշափեր, գացողներու անունը չի տար, զմեզ մը ունի անորոշ, ի վարդապետսն եւ յինքն ակնարկ մը կը նետէ, առանց ով ըլլալը իմացնելու, բոլորովին ուռուցիկ, եւ գրեթէ իմաստասիրական ոճ մը կ՚առնէ տեսած տեղերը եւ զարգացումները նկարագրելով, սազապաճեմիւ ճամբորդելու ունայնասէր զգացումներ կը ցուցադրէ, Եգիպտոսէ Իտալիա ինկած ըլլալու, Հռոմ եւ Աթէնք տեսնելէ ետքը Բիւզանդիա գալու, եւ անկէ ալ Հայաստան, հայրենական գաւառ երթալու պատմութիւններ կ՚ընէ (ԽՈՐ. 261): Արդ, դժուար պիտի լինէր այդ ամէնը Սահակի կեանքին վերջին տարիներու կացութեան հետ կապակցել, թէպէտեւ Հայաստան դարձած ատեննին Սահակն ու Մեսրոպը մեռած գտնելնին ընդունինք: Միւս կողմէ Սահակի ներբողաբանը Աղեքսանդրիա գացողները, Բիւզանդիա եւ Աթէնք գացողներու հետ միաժամանակ կը դնէ, եւ երեք տեղեր գացողներու անուններն ալ խառն կը նշանակէ, որք են, Մովսէս Խորենացի, Մամբրէ Խորենացի, Դաւիթ Ներգինացի, Եղիշէ Պատմաբան, Յովսէփ Պաղնացի, Եզնիկ Կողբացի, Արձան Արծրունի, Աղան Արծրունի, Մուշէ Տարոնեցի, եւ այլք բազումք (ՍՈՓ. Բ. 14), ուր հնագոյններ ետեւ թողուած են, նորագոյններ առաջ անցած, եւ այնպիսիներ իսկ յիշուած են որ Սահակի կենդանութեան մեծ գործունէութիւն չեն կրցած ունենալ: Սակայն ներբողաբան մը պատմաբան չէ, եւ կրնայ նմանօրինակ կէտեր իրարու կցելով գովեստից փաստերը զօրացնել: Ուստի մեր կարծիքով շատ կեղակարծ կը մնայ վերջին անգամ Աղեքսանդրիա ղրկուածներուն գործը, եւ Խորենացիին պատմածները աւելի եւս կը կնճռոտեն պատմական պարագաները: Ինչ որ պատմութեան ընթացքին մէջ շատ ակներեւ պիտի յայտնուի, Հայոց Եկեղեցւոյն եւ Աղեքսանդրիոյ աթոռին մէջ ներքին եւ սերտ կապակցութեան արտայայտութիւնն է: Մեր եկեղեցին եւ մեր հայրապետները միշտ Աղեքսանդրիոյ ուղղութեան հետեւող եղած են, եւ վարդապետութեան մէջ ալ միշտ այն կողմը միտած, հեռու պահելով ինքզինքնին Անտիոքայ դպրոցին եւ Բիւզանդիոյ հայրապետութեան ուղղութենէն: Ասկէ մարթ է հետեւցնել թէ Աղեքսանդրիա ալ աշակերտներ յղուած են եւ Աղեքսանդրիոյ վարդապետութիւնը Հայաստան բերուած եւ պատիւ ստացած է: Բայց թէ միայն վերջին շրջանին մէջ Եփեսոսի ժողովէն ետքը, կամ թէ նոյնիսկ առաջին շրջանին մէջ, երբ Եդեսիա եւ Կեսարիա եւ Բիւզանդիա աշակերտներ ղրկուեցան 208), առ այս Խորենացիին մէջ գտնուած յիշատակները հիմնական բացատրութիւն չեն տար, եւ ուրիշներէ` ու գլխաւորապէս Կորիւնէ եւ Փարպեցիէ, բնաւ յիշատակութիւն չունինք:

220. ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Երկրին ընդհանուր կացութեան վրայ տուած նկարագիրնիս 215) չէր կրնար կատարելապէս գոհացնել ազգն ու իր նախարարները: Այս վերջիններէն անոնք իսկ, որ Սահակի եւ Արտաշիրի դէմ մեծ դաւաճանութիւնը սարքած էին, բոլորովին փոխուած իրենց գաղափարականներուն մէջ, կ՚ուզէին ըրածնին ջնջել, բայց կերպ մը չէին գտներ: Այլեւս անհնար էր Պարսից թագաւորէն խնդրել, որ պարսիկ մարզպանի տեղ Արշակունի թագաւոր մը տայ: Եթէ Արտաշիր կենդանի ալ ըլլար, յոյս չկար որ անգամ մը պետական կարգերը հաստատուելէն ետքը, Արտաշիր` իբր նոր ոմն Խոսրով, Տիզբոնի բանտէն Հայոց գահը փոխադրուի: Միւս կողմէն Վեհմիհրշապուհն ալ բոլորովին ատելի կերպարան մը չէր: Շմուէլի փոփոխութիւնը կրնային ուզել, բայց Բրքիշոյէ Շմուէլի փոխուելէն ինչ օգուտ տեսան, որ Շմուէլէ ուրիշ որեւէ մէկու փոփոխուելէն օգուտ մը յուսային: Միակ եղանակն էր, որ Սահակ յանձն առնոյր նորէն պաշտօնական եւ քաղաքական գործերը ստանձնել, տէր կանգնիլ ազգին, եւ իր շունչով հոգեւորել քաղաքական գործերն ալ, որոնցմէ այժմ հեռու կը մնար: Այդ նպատակով, նախարարներ ըրածներնուն վրայ զղջացած, Սահակի կը դիմէին, որպէսզի յանձն առնու կաթողիկոսութիւնը ամբողջապէս եւ պաշտօնապէս ստանձնել, որպէսզի իրենք ալ անոր պետական հաստատութիւնը հոգան: Մեղաք յերկինս եւ առաջի քո, թող մեզ մեղուցելոցս, կ՚ըսէին անկեղծաբար, եւ Գրիգորի օրինակը կը բերէին, որ ոչ յիշեաց զայնչափ տանջանս եւ զքերանս, զոր անցուցին ընդ նա նախնիքն մեր: Իսկ Սահակ ներելու մասին ամէն պատրաստութիւն յայտնելով մէկտեղ, պաշտօնապէս կաթողիկոսանալէ կը հրաժարէր, յայտնելով թէ վստահութիւն չունի գլուխ կանգնելու ազգի մը, որ տիրանենգ եւ տիրասպան եւ մատնիչ եղած է (ՓԱՐ. 27): Նոր առիթ մըն ալ պատճառ կը լինի նախարարներուն իրենց թախանձանքները կրկնելու: Շմուէլ, որուն փոփոխութեան հետամուտ լինել աւելորդ սեպած էին, մեռաւ կեցեալ ամս հինգ հայրապետական աթոռին վրայ, այսինքն է 437ին: Առիթը բարեդէպ էր, ոչ միայն Սահակի հովանաւորութիւնը նորոգելու եւ թանկագին արդիւնքները վայելելու, այլեւ միանգամընդմիշտ ջնջելու համար այն տարադէպ եւ տարապարտ բաժանումը, որով հայրապետական իշխանութիւնը երկուքի բաժնուած էր, եւ պետական մարզպանին մօտ կրօնական մարզպան մըն ալ ստեղծուած էր, եկեղեցին ներքնապէս նեղելու եւ ճնշելու հեղինակութեամբ: Այս անգամ եւս քան զեւս սաստկացուցին եւ պնդեցին նախարարները իրենց թախանձանքները, մինչեւ իսկ կը խոստանային որ ոչ թէ իրեն անձին համար, այլեւ իրեն թոռներուն համար ալ հրովարտակ հանել տան Պարսից արքունիքէն ազգատոհմով պահել զնոյն իշխանութիւն (ԽՈՐ. 269): Բայց Սահակ միշտ անդրդուելի մնաց իր դիմադրութեան մէջ, եւ երբ տեսաւ որ բոլորովին անմխիթար կը լքանէին իրեն դիմողները, պարտաւորուեցաւ անոնց յայտնել թէ յԱստուծոյ է իրդ այդ, զի բառնալոց է քահանայութիւն յազգէ սրբոյն Գրիգորի, եւ թագաւորութիւնն յազգէդ Արշակունեաց (ՍՈՓ. Բ. 34), եւ սկսաւ պատմել թէ ինչպէս այդ բանը իրեն յայտնած էր Աստուած, յառաջ քան զձեռնադրիլն յեպիսկոպոսութիւն (ՓԱՐ. 28): Ասոր վրայ երկարօրէն եւ մանրամասնօրէն սկսաւ պատմել այն տեսիլը, զոր արդէն քաղեցինք 182), եւ զոր ընդարձակօրէն յառաջ բերած է Փարպեցին (ՓԱՐ. 28-37): Ունկնդիր նախարարներ յարտասուս հարեալ զարհուրեցան, եւ միայն աստուածակոյս կողմանէ եղած կարգադրութեան մը հպատակելու զգացմամբ լռեցին եւ մեկնեցան, եւ այլեւս չհամարձակեցան խօսիլ այդ խնդրոյն վրայ: Շմուէլի յաջորդութիւնը բացը մնացած ըլլալով, եւ ոչ ոք այլեւս այդ բանին վրայ հոգալով, Սուրմակ Մանազկերտացին առիթ գտաւ կորսուած իշխանութիւնը ձեռք ձգելու, եւ նորէն պետական հրամանով հակաթոռ կաթողիկոսութեան բարձրացաւ (ՅՈՎ. 76): Նկատողութեան արժանի կը սեպենք դիտել, թէ 437-ին, երբոր Շմուէլի մահուամբ պետական կաթողիկոսութիւնը բաց կը մնար, եւ նախարարները կ՚ուզէին զայն Սահակի վրայ դարձնել, Սահակ արդէն 89 տարեկան ծերունի մըն էր, բայց ազգը ամբողջապէս վստահ էր անկէ անթերի եւ ժիր գործունէութիւն տեսնել:

221. ՍԱՀԱԿԻ ՄԱՀԸ

Այսուհանդերձ Սահակ իրօք սկսած էր տկարանալ, եւ այլեւս Բագրեւանդի հայրապետանոցէն չէր կրնար հեռանալ, իսկ անոր հոգեբուղխ եւ աստուածազդեցիկ խօսքերը լսելու փափաքողներ, ամէն կողմերէ կը դիմէին կարօտնին առնելու եւ անոր խօսքերով հոգեւորապէս մխիթարուելու համար: Այսպէս անցաւ 438 տարին, եւ նոր տարւոյն մէջ եւս քան զեւս ծանրացաւ Սահակի տկարութիւնը, բայց վերահաս պատահար մըն ալ ծանրացուց տեղական հանգամանքները: Վռամ Պարսից թագաւորը մեռաւ իր 21-րդ տարւոյն մէջ 438-ին եւ անոր յաջորդեց իր որդին Յազկերտ Բ. նոյն տարւոյ Օգոստոս 4-ին (ՆՕԼ. 423): Հազիւ թէ իշխանութեան անցած իսկ եւ իսկ Յունաց հետ պատերազմի սկսաւ, գունդ մը յղելով դէպի Մծբին, եւ Ատրպատականի գունդին ալ հրամայելով Հայաստանի ճամբով առջեւ քալել: Վերջինին ճամբան Պարսիկ արշաւանքներուն սովորական ուղին էր, Արտազու, Կոգովիտի, Ձիրաւի եւ Բագրեւանդի վրայէն դէպի Բասեն: Բագրեւանդի վանքը ճամբուն վրայ էր, եւ պարսիկ բանակը հրոսակի պէս կը հասնէր: Աշակերտները մտածեցին իննսունամեայ ծերունին հանել ընտանեգոյն եւ զերծ տեղի մը, հաւանաբար նպատակ ունենալով մինչեւ Տարոն փոխադրել, Աշտիշատի հանգստաւէտ եւ սիրելի բնակութիւնը: Բայց հապճեպ շտապումը, ճանապարհին անհանգստութիւնը, տարադէպ յոգնութիւնը, եւ յարակից զրկումները օրհասական եղան Սահակի, եւ հազիւ Արածանիի հովիտէն Բագրեւանդի դաշտը ելան, հիւանդութիւն մահու հասաւ երանելւոյն վրայ, ճամբորդութիւնը անհնար եղաւ, եւ առեալ տարան ի գիւղն որ կոչի Բլուր, որեւէ առթի մէջ իբր Պարսիկ հրոսակին ոտքէն դուրս տեղ մը (ԽՈՐ. 270): Բլուր գիւղը իրաւցնէ մեծ պողոտայէն հեռացած, լեռներուն ստորոտը, քաշուած անկիւն մը կը մնայ, եւ այսօր ալ ծանօթ է Եահնիթէփէ անունով: Հազիւ թէ մէկ երկու օր կրցաւ ապրիլ Սահակ այդ ապաստանին մէջ, եւ այնտեղ վախճանեցաւ խաղաղական հանգստիւ (ՓԱՐ. 37), լցեալ աւուրբք երկայն ժամանակօք, եւ վայելչացեալ աստուածաբեր պտղոցն բարութեամբք (ԿՈՐ. 41): Իրեն քով կը գտնուէին Երեմիա սարկաւագապետ` իր հաւատարիմ աշակերտը, եւ Դստրիկ տիկինն Մամիկոնէից` Վարդանի կինը եւ Սահակին նուն, որոնք գլուխ կեցան մարմնոյն փոխադրութեան, եւ բազմութեամբ քահանայից եւ ազատաց տարին Աշտիշատ. բնիկ գիւղն իւր սեպհական, եւ այնտեղ թաղեցին կազմելով վրան հանգստարան, ըստ արժանի կայանից ճշմարտին (ՓԱՐ. 38): Աշտիշատ ոչ միայն հայրապետական Լուսաւորչեան ազգատոհմին կալուած էր, այլեւ Մամիկոնեանց գաւառին մէջն էր, Սահակի մանկութեան սննդավայրը եղած էր, եւ ամէն ատեն անոր հաճելի եւ սիրելի բնակավայրն էր նկատուած: Գերեզմանին վրայ եկեղեցի մեծապայծառ եւ վկայարան սրբոց շինուած ըլլալը կը յիշէ Փարպեցին, եւ գերեզմանին ալ ուխտատեղի եղած ըլլալը կը վկայէ: Այսօր Մշոյ Մատնավանքէն դէպի վեր բարձրացող լերան վրայ, Տէրիք կոչուած փոքրիկ գիւղին մօտ, անշուք եւ անձուկ, անարգ տեսքով եւ հազիւ մարդաչափ բարձրութեամբ շէնք մը կայ, կոշտ ու սեւացած կամարով մը ծածկուած, որուն ներքեւ եւ կիսովի պատին խառնուած քարի մը տակ կը հանգչին ազգին եւ եկեղեցւոյն, լեզուին եւ գրականութեան ամենամեծ երախտաւորին ոսկորները: Անոր մօտ կողմնակի ուրիշ քար մըն ալ կայ, որ շիրիմն է Սահակի դստեր Սահականոյշի, թէպէտ ոմանք բերանացի աւանդութեամբ Վարդանի կնոջ Դստրիկի, եւ ուրիշներ Վարդանի դստեր Շուշանի գերեզմանը կ՚ըսեն: Սահակի գերեզմանին շատ մօտ է Աշտիշատի մայր եկեղեցին, որուն հիմերը եւ սակաւ մնացորդները դեռ կը տեսնուին, եւ հաւանաբար այստեղ է Մեծի մարգարէանոցի ագարակ ըսուածը, ուր ուրիշներ ալ թաղուած էին կանխաւ ընդ հովանեաւ մայր եկեղեցւոյն 108 եւ 112):

222. ՄԱՀՈՒԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Այժմ կը մնայ մեզ մահուան օրն ու թուականը ճշդել: Օրուան համար ամէնն ալ համամիտ են ըսել թէ եղեւ ի կատարել ամսեանն նաւասարդի, որպէս եւ զօր ծննդեան երանելոյն յիշէին (ԿՈՐ. 41), կամյամսեանն նաւասարդի, որ օր երեսուն էր ամսոյն (ՓԱՐ. 37): Ժամն ալ յերկրորդ ժամու աւուրն, զոր պարտ է իմանալ տաճկական ժամահաշուի ձեւով, առտուան ժամը 2ին: Սակայն ամսաթիւ հաշուելու համար պէտք է թուականը ճշդել, քանի որ հայկական շարժական տոմարն էր ժամանակին գործածականը: Տարւոյն նկատմամբ ձեռուընիս եղած աղբիւրները կը գրեն. Յառաջնում ամի Յազկերտի, որդւոյ Վռամայ, թագաւորի կացելոյ ի Պարսից աշխարհին (ԿՈՐ. 41): Ի սկզբան ամին երկրորդի Յազկերտի, որդւոյ Վռամայ, թագաւորին Պարսից (ՓԱՐ. 37): Ի սկիզբն ամին երկրորդի Յազկերտի եղելոյ Պարսից թագաւորի (ԽՈՐ. 270): Յառաջնում ամի երկրորդ Յազկերտի, որդւոյ Վռամայ թագաւորին Պարսից (ՍՈՓ. ԺԱ. 27): Այս վկայութիւններէն թէպէտ միջինները շփոթ են, թէ երկրորդ բառը Յազկերտին պիտի տրուի թէ տարիին, սակայն, վերջինը շատ յստակ, եւ առաջինն ալ ամէն շփոթութենէ զերծ կերպով կը յայտնեն թէ Երկրորդ Յազկերտի առաջին տարին պէտք է իմանալ: Մանաւանդ որ այս յստակ վկայութիւնները Կորիւնին են, որ միւսներուն ալ աղբիւրն է, ինչպէս Փարպեցին կը խոստովանի (ՓԱՐ. 37): Բաց աստի Մեսրոպի մահուան համար ալ, որ յետ ամսոյ վեցից անցելոց տեղի ունեցաւ (ԿՈՐ. 44), Կորիւն կ՚ըսէ թէ յառաջնումն ամի երկրորդի Յազկերտի վախճանեցաւ երանելին (ԿՈՐ. 48), որով անհնար կը լինի Սահակի մահը Յազկերտի երկրորդ տարին յետաձգել: Ըստ այսմ Սահակի մահը պէտք է դնել Յազկերտի առաջին տարւոյն սկիզբը, այսինքն է 436 Օգոստոս 4-ին սկսող տարւոյն մէջ, որ այն տարին պատասխանած է շարժական տոմարի Աւելեաց 1-ին, որով միայն 33 օր ետքը նաւասարդի 30-ին, կամ Սեպտեմբեր 7ին կ՚իյնայ Սահակի մահը, օրն ալ չորեքշաբթի (47): Թէպէտ Սահակի յետին ժամանակաց ներբողաբան մը յաւուր հինգշաբթւոջ կ՚ըսէ(ՍՈՓ. Բ. 35), սակայն ժամանակակիցներէն ոչ մէկը եօթնեակի օր չի յիշեր, եւ մեր եզրակացութիւնը կ՚արդարանայ տոմարական կանոններու հիմամբ կազմուած հաշիւով: Տարիքի հաշուով եթէ նաւասարդ 30-է 30` ամբողջ 90 տարիներ լրացուցած կ՚ըսուի Սահակ, սակայն արեգակնային հաշուով 348-ին նաւասարդի 30-ը Սեպտեմբեր 29-ին հանդիպած ըլլալով, մեռած տարին 90-ը լրացնելու 22 օր պակաս եղած կ՚ըլլայ: Իսկ ոմանց գրածը թէ Սահակ ամս հարիւր քսան ապրած լինի (ԱՐԾ. 81), բնաւ ժամանակագրութեամբ չի կրնար արդարանալ: Հայրապետութեան տարիները 387-էն հաշուելով 51 տարի կ՚ըլլան, առանց միտ դնելու պետական պաշտօնազրկութեան տարիներուն, որոնք ազգին աչքին բնաւ նշանակութիւն չունեցան եւ չունին, եւ Սահակ օրինաւորապէս կաթողիկոս ճանչցուած է ընտրութենէն մինչեւ մահուան օրը:

223. ՍԱՀԱԿԻ ԳՈՎԵՍՏԸ

Սահակի վրայ որչափ ներբողներ գրուին, միշտ իր արժանիքէն վար մնացած կ՚ըլլան, մենք ալ եղելութեանց միայն հետամուտ խորհրդածութիւններու եւ գնահատումներու մտնել չենք ուզեր: Գրական արդիւնքին համար քանի մը խօսք ըրինք 199), բայց Սահակ գրականին հաւասար ունեցաւ սրբութեան, հայրապետութեան, քաղաքագիտութեան եւ ժողովրդասիրութեան արդիւնքները, այնպիսի առաւելութեամբ որ անմրցելի կրնան ըսուիլ: Իր ազգասիրական զգացումները, երկրին չվնասելու համար ինքզինքը վտանգելը, թագաւորութեան շարունակելուն համար անխոնջ եւ արի ջանքերը, որչափ ալ իրենց պտուղը ունեցած չըլլան, Սահակի համար խոստովանողական պսակ մը կազմեցին: Այդ կողմէն ծանր ցաւեր ալ կրեց նա ազգին դժբախտութիւնը տեսնելով, եւ աւելի կարեվեր վշտացաւ նոյնիսկ ազգին զաւակներուն ձեռքով պատրաստուած տագնապները նշմարելով: Իրեն մեծ ցաւ ալ եղաւ` որ իրմէ ետքը իր ազգատոհմին արու ժառանգ չկրցաւ թողուլ: Իր մահուան ատեն, արդէն մեռած էր իր փեսան Համազասպ Մամիկոնեան սպարապետը, կ՚երեւի թէ Սահականոյշ ալ արդէն վախճանած էր, որով իբր անմիջական ժառանգները կը նշանակուին իր թոռները` Վարդան, Հմայեակ եւ Համազասպեան, որոց թողած է զստացուածս գեօղից իւրոց եւ ագարակաց, եւ որ ինչ միանգամ էր իւր, յորդւոց յորդի վայելելու համար մինչեւ ցյաւիտեան (ՓԱՐ. 37): Ըստ այսմ Լուսաւորչին ազգատոհմը ուղիղ գիծով բոլորովին մարեցաւ, եւ իգական կողմէ Մամիկոնեանց խառնուեցաւ, որով դարեր ետքը իբրեւ Լուսաւորչեան սերունդ մէջտեղ ելլող Երկրորդ Պահլաւունեաց տունը, Լուսաւորչի հետ ուղիղ կապակցութիւն մը ունեցած չէր կրնար ըլլալ:

224. ՄԵՍՐՈՊԻ ՄԱՀԸ

Երբոր Սահակ վախճանեցաւ Սուրմակ ձեռք անցուցած էր պետութենէ ճանչցուած արտաքին հայրապետութիւնը, զոր թէպէտ ի հրամանէ Յազկերտի ստացած կ՚ըսուի (ՅՈՎ. 76), սակայն ուրիշ տեղ Վռամի կը վերագրուի Շմուէլի յաջորդին ընտրութիւնը (ԱՍՈ. 77), որ աւելի յարմար կու գայ ժամանակագրութեան: Իսկ լոկ կրօնական հայրապետութիւնը որ Սահակի թողուած էր, ուղղակի յաջորդ չունեցաւ, այլ Մեսրոպ որ Սահակի ժամանակէն Վաղարշապատի մէջ անոր փոխանորդութիւնը կը վարէր, միեւնոյն կերպով իր պաշտօնը շարունակեց. արդէն ալ պետական հաստատութեան պէտք չկար, ազգին կողմէն ալ ուրիշ կերպ կարգադրութիւն մը միտքէ իսկ չէր անցներ: Իսկ Բագրեւանդի հայրապետանոցը բոլորովին փակուեցաւ, եւ Սահակի մօտ եղող աշակերտներն ալ ցրուեալ ի գաւառս իւրաքանչիւր, ամէն մէկը իրենց համար վանօրայս շինեցին եւ գործակիցներ հաւաքեցին, իրենց վարդապետին գործը շարունակելով (ԽՈՐ. 270): Իսկ Մեսրոպ արդէն ինքն ալ 85 տարեկան եղած, եթէ ոչ աւելի, վաստակաբեկ կեանքով յոգնած, եւ դժուարին տագնապներով տկարացած, Սահակի մահուան ցաւէն ալ վշտացած, եւ անբաժին ընկերակցին բաժանումէն զգածուած (ՍՈՓ. ԺԱ. 29), չկրցաւ երկար դիմանալ եւ վեց ամիս ետքը կնքեց իր վշտահար կեանքը, Վաղարշապատի մէջ, ուր երկար տարիներէ ի վեր հաստատած էր իր բնակութիւնը, իբր կրօնական հայրապետութեան ներկայացուցիչ ու գործադիր: Մահուան օրը հաստատուն կերպով նշանակուած է մեհեկանի 13-ը (ԿՈՐ. 4), որ կը պատասխանէ 437 Փետրուար 17-ին, ուրբաթ օր: Թաղման տեղւոյն համար աղմուկ շփոթի եղաւ, եւ կարծիքները յերիս գունդս բաժնուեցան: Ոմանք կ՚ուզէին Տարոն տանիլ իր բնագաւառը, եւ հաւանաբար Աշտիշատի մէջ թաղել Սահակի քովը: Ուրիշներ կ՚ուզէին Գողթն գաւառը տանիլ, որ իր առաջին կրօնաւորական ասպարէզն էր եղած, յետոյ ալ առանձինն խնամոց առարկայ դարձած: Երրորդ խումբը կը նախընտրէր Վաղարշապատի մէջ թաղել, ուր մեռած էր եւ ուր երկար պաշտօնավարած էր, հանգուցանելով զայն սրբոյն դիրս, (ԽՈՐ. 271), որ կրնայ իմացուիլ` կուսանաց գերեզմաններուն մօտ, որովհետեւ Լուսաւորչազարմ կաթողիկոսներ Թիլ ու Թորդան թաղուած էին: Կարծիքներու բաժնուելուն վրայ չորրորդ մը զօրացաւ, Վահան Ամատունի, որ Հայաստանի հազարապետութեան, այսինքն ելեւմտական ճիւղին վերակացուն էր, հաւատովը զօրաւոր, բայց աւելի զօրաւոր մարմնաւոր ճոխութեամբ, իր իշխանական զօրութեամբ Մեսրոպի մարմինը տարաւ իրենց նախարարական վիճակը` Արագածոտն գաւառի Օշական գիւղը, արժանի յուղարկմամբ եւ հսկողութեամբ Մեսրոպի աշակերտներէն Յովսէփի եւ Թաթիկի, եւ Հմայեակ Մամիկոնեանի (ՍՈՓ. ԺԱ. 32): Հոն հանգոյց զայն պատշաճաւոր հանգստարանի մէջ, որուն վրայ Վահան եկեղեցի մըն ալ շինեց 3 ամիս ետքը (ՍՈՓ. ԺԱ. 34), որ յետոյ գիւղին եկեղեցին եղաւ, եւ վերջին ատեններ Գէորգ Դ. կաթողիկոսի ձեռօք փառաւոր կերպով վերաշինուեցաւ: Այս եկեղեցւոյն բեմին ներքեւ, գետնափոր մատուռին մէջտեղը կը տեսնուի Մեսրոպի գերեզմանը, որ պէտք է բոլոր այբուբէնի աշակերտներուն նուիրական ուխտատեղին ըլլար:

225. ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Մեսրոպի անունով յատուկ մատենագրութիւն մը չունինք ձեռուընիս, թէպէտ կենսագիրը կը յիշէ, թէ նա ունէր ճառս յաճախագոյնս, դիւրապատումս, շնորհագիրս, բազմադիմիս ի զօրութենէ եւ ի հիւթոյ գրոց մարգարէականաց եւ առաքելականաց կարգեալ եւ յօրինեալ (ՍՈՓ. ԺԱ. 19): Չենք գիտեր թէ Մեսրոպէ հեղինակուած մասեր են` որ կորած են, թէ ոչ թարգմանած գիրքերը ուղղակի Մեսրոպի վերագրել ուզած է: Բայց Աստուածաշունչն ու ծիսարանները բաւական են անոր անունը անմահացնելու: Ծիսարանին տրուած Մաշտոց անունը, եւ ապաշխարութեան շարականներուն Մեսրոպի վերագրուիլը յիշած ենք արդէն 196): Սահակ եւ Մեսրոպ ի սկզբանէ անտի իբր տօնելի սուրբեր պատուուեցան Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, կրկին տօնախմբութեամբ, անգամ մը երկուքը միասին, եւ անգամ մըն ալ Սահակը առանձինն, եւ Մեսրոպ ուրիշ թարգմանիչներու հետ: Երկուքին միասին տօնը, գիրի գիւտին նշանակութիւնը առած է, եւ ժամանակէ մը ի վեր ազգին մէջ իբր դպրոցական տօն ընդունուած է. իսկ առանձինն տօները իրենց սրբութեան յիշատակները կը կազմեն: Մեր սովորութեան համեմատ Սահակի հայրապետութեան վերջը պէտք էր աւելցնէինք իրեն ժամանակակիցներուն մասին պէտք եղած տեղեկութիւնները, այսինքն թարգմանիչներու պատմութիւնները, բայց յարմարագոյն կը կարծենք այդ մասը յետաձգել յաջորդ կաթողիկոսին պատմութենէն ետքը, որ ատեն անոնցմէ շատեր իրենց ընթացքն ալ լրացուցած կ՚ըլլան եւ պէտք չենք ունենար շատ մը պատմական պարագաներ իրենց եղելութեան ժամանակէն առաջ անցընել: Սահակի մասին գրածնիս, թերեւս համեմատաբար աւելի երկար երեւի, բայց կ՚արժէր, որ ազգային կեանքին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող ժամանակի մը հոգին ու պարագաները մանրամասնօրէն ուսումնասիրուէին: