Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԲԱԲԳԷՆ Ա. ՈԹՄՍԵՑԻ

326. ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մանդակունիին յաջորդը եղաւ Բաբգէն` Վանանդ գաւառի Ոթմուս գիւղէն (ԱՍՈ. 82), զոր ի նորուն յաշակերտութենէ, այսինքն Մանդակունիի աշակերտ կ՚անուանէ Պատմաբանը (ՅՈՎ. 80), սակայն բնիկ Ոթմսեցի ըլլալը մտածել կու տայ, որ եթէ վերջի տարիները Մանդակունիին հետեւող եւ գործակից եղած էր, առաջին տարիներու մէջ Ոթմուսի մէջ Գիւտի պաշտպանութիւնը վայելած, եւ անոր աշակերտած, եւ այնպէս դիրք մը ստացած է Հայ եկեղեցականութեան մէջ, եւ իրեն պաշտպաններ ալ ունեցած է, որով կրցած է մինչեւ կաթողիկոսական աթոռ բարձրանալ: Անհաւանական չէ ենթադրել, որ արդէն Մանդակունիի ծերութեան ատեն Բաբգէն յաջողած ըլլայ հայրապետանոցին մէջ իրեն դիրք մը կազմել, եւ գործերու կարգադրութեան մասնակցիլ, որով դիւրացած է իր կաթողիկոսական ընտրութիւնը: Ժամանակին յիշատակները որոշ գաղափար մը չեն տար ընտրութեանց կերպին վրայ, եւ հարկաւ ազդեցիկ անձերուն ձայնն է որ կշիռ ունեցած է այդ պարագայից մէջ: Պատմութիւնը բնաւ տեղեկութիւն չի տար ոչ իր անցեալին եւ ոչ իր գործունէութեան վրայ, որ կարենայինք գիտնալ թէ ինչ զարգացում ստացած էր եւ ինչ բնաւորութեան տէր էր: Եթէ նկատի պիտի առնունք այն գանգատները, զորս Փարպեցին կը գրէ իր ժամանակին նստող կաթողիկոսին դէմ, նպաստաւոր գաղափար պիտի չկազմենք Բաբգէնի ընթացքին նկատմամբ, եւ միայն իր դիրքին եւ իր փառքին հետամուտ անձի մը նկարագիրը պիտի տեսնենք իր վրայ: Միայն թէ քաղկեդոնական խնդրոյն մէջ բռնած ուղղութիւնը եւ ազգային եկեղեցւոյն պահպանութեան նպաստաւոր որոշումը, այսօր իրեն անունը փառօք յիշատակել կու տան կաթողիկոսներու շարքին մէջ: Կ՚երեւի թէ Ղազար Փարպեցին իրեն դէմ հզօր մրցակից մը եղած է, այլ Բաբգէնի Դուինի մէջ զօրացած ըլլալը, իսկ Փարպեցիին Վաղարշապատի մէջ հեռու եւ գործերէ անմասն մնալը, վճռած են Բաբգէնի յաջողութիւնը, եւ այդ պատճառով Փարպեցիին հանդէպ բարեկամութեան պահանջներն ալ մոռցած է, եւ Վահանն ալ իր կողմը շահելով Փարպեցին նեղութեան մատնած է:

327. ՓԱՐՊԵՑԻԻ ԿԵԱՆՔԸ

Օգտակար է այստեղ համառօտակի քաղել Փարպեցիին անցքերը, որ ոչ թէ լոկ իբր պատմագիր, այլեւ իբր ուղղամիտ գործիչ մը իր նշանակութիւնը ունեցած է ազգային կեանքին մէջ: Ինքն ալ բաւական կենսագրական տեղեկութիւններ տուած է իր վրայ: Բնիկ Արարատի Փարպի գիւղէն, առն եղեալ որդի (ՓԱՐ. 187), որ է ըսել ազնուական դասակարգէն, եւ ինքզինքը միշտ Կամսարականներուն կենակից, եւ Վահանի ոչ օտար ոք ցուցնելէն կը հետեւի թէ, ազգականութիւն մըն ալ ունեցած է Մամիկոնեանց եւ Կամսարականաց հետ: Երբոր Հմայեակի զաւակներ Աշուշայի ապարանքը կ՚ուսանէին, ինքն ալ անոնց ընկերակից եղած է. թէպէտ ըստ տիոց աւագագոյն, սակայն նոյն տեղը եւ զմեզ ուսուցանէին կըսէ: Այդ առթիւ կանուխէն Աղան Արծրունիի սիրելի եւ հետեւող եղած է, իբր զի Աղան Ձուիկ տիկնոջ եղբայր եւ Վահանի ու եղբայրներուն քեռի էր: Իր վարդապետաց, գլխաւորապէս Աղանի հրամանին համեմատ, ի Հոռոմս գացած, եւ մնացած է անդ ամս, ուր կատարեալ ուսում ստանալով, դարձած է Հայաստան, եւ Կամսարականներուն մօտ ատեն անցուցած է յամենայն յամբոխսն, որք են Գիւտի ժամանակ տեղի ունեցած հալածանքները եւ նեղութիւնները: Փարպեցին` Մամիկոնեան եւ Կամսարական նորահաս գործիչներուն օգնական եղած է, մինչեւ յամս նուաճման Վահանի (ՓԱՐ. 187), այսինքն մինչեւ Վահանի կեղծուրացութեան տարին, զոր ուրիշ տեղ տկարանալ ըսած է (ՓԱՐ. 116), եւ Վահանի բերնով կործանում անուանած է (ՓԱՐ. 138): Վահանի այս փոփոխութիւնը Փարպեցին ընկճած է եւ բոլորովին աշխարհէ քաշուելով Սիւնեաց մէջ ճգնաւորական կեանքի ձեռնարկած է` ձմեռները Մովսէս ճգնաւորի մը հետ ի քարայրի անցընելով, եւ ամառները Մուշէ եպիսկոպոսին հետ` ուր եւ լինէր ի հովու (ՓԱՐ. 187): Հաւանաբար այդ միջոցին է որ եկեղեցականութեան հետեւեցաւ, ինչպէս ինքը կ՚ըսէ թէ տէր Աղան, զատոյց զիս պարեգօտիւք ի ծառայութենէ աշխարհիս: Երկու տարի ետքը, ինքն Վահան յայց ելեալ խնդրել Փարպեցին, եւ գտեալ զայն յաշխարհին յայնմ, այսինքն է Սիւնեաց նահանգը, կ՚առնէ կը բերէ ի տուն իր (ՓԱՐ. 188): Վահանի կեղծուրացութիւնը դրինք 476-ին, երկու տարի ետքը Փարպեցին իր քովը բերելը կ՚իյնայ 478-ին, Մանդակունիին կաթողիկոսութեան բարձրացած տարին, երբ կեղծուրացներ, ներքին զգացմամբ դժկամակ, կերպով մը դիմակնին նետելու ճիգեր կ՚ընէին: Ըստ այսմ Մանդակունիին հետ Փարպեցին ալ գործակից եղած է այն ջանքերուն, որք 478-է 481 գաղտնի կերպով, եւ 481-է 484 զինեալ դիմադրութեամբ կատարուեցան հաւատոյ պաշտպանութեան համար: Փարպեցի համարձակօրէն կը գրէ Վահանի, թէ քեզ տեառն անկ էի, եւ թէ արդարեւ քեզ իսկ եւ արժանի էի (ՓԱՐ. 188). որով ըստ ամենայնի անոր գործակից եղած, եւ արդիւնաւոր գործիչ մը եղած ըլլալը կ՚իմացնէ համեստօրէն: Երբոր խաղաղութեան օրեր սկսան եւ Վաղարշապատի կաթողիկէին նորոգութեան եւ բարեկարգութեան ձեռնարկուեցաւ, այն օրէն յորում հիմն արկաւ տեղւոյդ, Վահան անձամբ հաստատեց Փարպեցին գործին վերակացութեան վրայ, ուր եւ մնաց մինչեւ յօր հալածման իւրոյ (ՓԱՐ. 196): Այս կերպով Փարպեցին Դուինի պաշտօնական կեդրոնէն հեռացած եւ Մանդակունիին քովէն զատուած մնաց, եւ որովհետեւ կաթողիկոսին եւ մարզպանին պաշտպանեալն էր, եկեղեցականներու որոշ մի դասակարգին հակառակութեան առարկան եղաւ, եւ սկսաւ ամբաստանութիւններով հալածուիլ: Այդ խումբն է ահա, զոր ինքն Աբեղեանդ Հայոց կը կոչէ (ՓԱՐ. 202), եւ որուն հետ կ՚ենթադրենք Բաբգէնը, որ կաթողիկոսական աթոռին ժառանգութեան համար հզօր մրցակից մը կը տեսնէր Ղազարի մէջ: Ղազար յետին մնացորդն էր Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան հետեւած ուղղութեան, որ հելլէնագէտ եւ հոռոմ ուսմամբ հարուստ, դէպ այն կողմն ալ բնական հակում մը ունէր, մինչ հակառակորդ խումբը տեղական դաստիարակութեամբ յառաջ եկած եւ հակայունական զգացմամբ տոգորուած, ուժգին կերպով իր կողմը զօրացնելու կը ջանար, եւ իրեն յաղթանակը կ՚ըլլար Բաբգէնի կաթողիկոսացումը:

328. ՓԱՐՊԵՑԻԻՆ ՈՍՈԽՆԵՐԸ

Առջի բերաններ Վահան բացէն պաշտպանութիւն ըրած է Փարպեցիին: Մամիկոնեան տունին աւագ ծառայք ոմանք, եւ այլ քահանայ աւագ որ է ի տանն, երդուեալ հակառակութիւն կը սնուցանէին Ղազարի դէմ, որպէսզի անոր գործը խանգարեն, եւ եւ ի շալակս իւրեանց առաւել քան ի տեղիդ փութային համբարել: Այսինքն է հասոյթներէն կը խորէին եւ կը գողնային, մինչ Փարպեցին խղճմտօրէն աշխատելով, եւ նման մեղուի բերելով յամենայն կողմանց ` բաւական լինէր եւ ծախողացն եւ մթերիցտեղւոյն: Հակառակորդ նենգիչքն կ՚աշխատէին նաեւ ի դաւաճանութիւն, մշակներուն եւ գործաւորներուն արբուցեալ հրապոյրս պղտորս: Գիւտի եղբօրորդին տէր Յովհաննէս ալ կը պաշտպանէր Սեւկոյ պարտէզին մէջ Վահանի ներկայացողները, կարասի խոստանալովորպէսզի Վաղարշապատի վերակացութիւնը Ղազարէ առնուելով անոնց տրուի: Սակայն տակաւին Վահան չէր հաւաներ, եւ իր եղբօր Վարդի, եւ Հայդիկ անուն մէկու մը եւ Ղազարի ներկայութեան` լուր կը ղրկէր անոր, թէ ասանկ բաներու միջամտելն ալ իրեն չէր վայլեր (ՓԱՐ. 197): Այս միջադէպներ հաւանաբար Մանդակունիի կենդանութեան տեղի կ՚ունենային, որովհետեւ անոր մեռնելէն ետքը, հալածանքը կը զօրանար, ամբաստանութիւնները կը շատնային, Բաբգէն ալ անոնց ոյժ կու տար, Վահան ալ չէր կրնար այլեւս բացէն պաշտպանութիւն ընել, որով հակառակորդները հանին Փարպեցին իր պաշտօնէն մերկ եւ թշնամանօք, եւ զրկելով յամենայն արարելոց, զոր ի մանկութենէ արարեալ էր, այսինքն ինչ ստացութիւն որ առջի օրերէն կրցած էր հայթայթել, եւ մինչեւ անգամ զհոռոմ գրեանդ ոչ ետուն, որոնցմէ իրենք ալ օգուտ մը չէին կրնար քաղել, եւ կը մնային այդր ընկեցեալ ի կերակուր ցեցոյ (ՓԱՐ. 196):

329. ՓԱՐՊԵՑԻԻ ԹՈՒՂԹԸ

Ղազար հալածեալ, պարտաւորուեցաւ Հայաստանէ ալ հեռանալ, եւ քաշուեցաւ Ամիդ քաղաքը, ուսկից կը գրէ Վահանի իր գանգատանաց թուղթը, Համազասպ Մամիկոնեանի ձեռքով, որ պէտք է Վահանի յեղբօրորդեաց մին ըլլայ (ՓԱՐ. 196), թէպէտ որոշ ըսուած չէ թէ Վահանի երեք եղբայրներէն որո՞ւն զաւակն է: Համազասպի համար կ՚ըսէ թէ բազում անգամ հանգոյց զիս, եւ ի հալածմանն կերակրիչ իմ եղեւ (ՓԱՐ. 195): Իսկ յառաջաբանին մէջ ըսուած է թէ Համազասպ պատճառ իսկ եղեւ նմա այսրէն դարձին (ՓԱՐ. 186): Սակայն կ՚երեւի թէ Ղազար կրած վիշտերէն տառապած, երկար չկրցաւ ապրիլ, որովհետեւ այլեւս նորա անունը չի յիշուիր պատմական եղելութեանց մէջ: Բաբգէն միտեալ չէր Ղազարին պաշտպանութիւն ընել, մասամբ իր բնոյթին տկարութենէն, եւ մասամբ դժկամակ միտումէն: Ղազար վերջին անգամ Վաղարշապատէ չմեկնած` յականաւոր տոհմէ սեպուհ մի միջնորդ դրած էր, որ կաթողիկոսին ներկայանայ եւ իր խնդիրը բացատրէ եւ ցաւը յայտնէ, որ եթէ բուժելի է` դարմանէ, իսկ եթէ անբուժելի է` թող թաղէ: Սակայն կաթողիկոսը միջնորդին ձեռքով պատասխանած էր. ես եւ տեսանել իսկ չիշխեմ զքեզ առ երկիւղի, դու ասես, եթէ գամ բժշկեա ` եւ կամ թաղեա, մի գուցէ զգացեալ սարուք եւ զիս ընդ քեզ թաղիցէ (ՓԱՐ. 198): Ոմանք այդ խօսքերը իբր Մանդակունիէ ըսուած կարծեցին, սակայն ասանկ փոքրոգի եւ վատոգի խօսքեր` Մանդակունիի պէս հաստատամիտ, զօրաւոր եւ ամենէն յարգուած անձի մը չեն վայլեր, բայց շատ յարմար են, կուսակցական դարձուածներով նոր պաշտօնի անցած, եւ դիրքը հաստատելու պէտք զգացող կաթողիկոսի մը բերնին: Մանաւանդ որ Փարպեցին պէտք է բաւական տարիներ Վաղարշապատի կաթողիկէին վերակացութեան մէջ մնացած ըլլայ, որովհետեւ յաջողեցաւ Վաղարշապատի կաթողիկէն երկու հարիւր տարիէ ի վեր շէն մնացած վանքի մը աստիճան ամենայն կահիւ կազմածով զարդարել: Եւ թէպէտ միանգամ եւ երկիցս ջարդեցաւ բոլոր կահն յանհաստատութենէ շինուածոյն ինքն յաջողեցաւ վերջինը առաջիններէն ալ աւելի փառաւոր վերակազմել (ՓԱՐ. 197): Արդ, այս ամենայն շատ աւելի ատեն կը պահանջէ քան թէ 485-է եւ 490 վեցամեայ միջոցը, որչափ ինչ կրցաւ պաշտօն վարել Մանդակունիին օրով, որով ստուգապէս Փարպեցիի հալածումը Բաբգէնի օրով եղած է, եւ Բաբգէնն է այն փոքրոգի պատասխանը տուող կաթողիկոսը, որուն անունը տալ պէտք չէր` իբրեւ ժամանակին կաթողիկոսի: Աւելցնենք նաեւ որ նոյն կաթողիկոսը պաշտօնի վրայ կը տեսնուի, երբ Ղազար Ամիդէ իր նամակը կը գրէ, վասնզի նոյնինքն է առ որ յղած է իր միջնորդ սեպուհը` առ գլխաւորդ Հայոց քահանայութեան (ՓԱՐ. 198): Իսկ նամակը գրած է առ ժամանակ մի Ամիդի մէջ լուռ մնալէ ետքը (ՓԱՐ. 186), որ գոնէ քանի մը տարի պէտք է ենթադրուի: Դիտելու է եւս որ Փարպեցին թէ պատմութեան եւ թէ թուղթին մէջ, բոլոր վախճանած անձերու երանելի կոչումը կը յատկացնէ, միեւնոյն իմաստով, որով մենք այսօր կը գործածենք լուսահոգի, հոգելոյս, բարեյիշատակ, հանգուցեալ կոչումները: Գիւտի եղբօրորդին տէր Յովհաննէս ալ, յայտնի չէ թէ եպիսկոպոս մը կամ քահանայ մը, երանելի կոչուած է, որովհետեւ նամակին ատեն արդէն մեռած է եղեր, իսկ կաթողիկոսը իբր կենդանի կեցող մը մատնացոյց կ՚ըլլայ, առ գլխաւորդ Հայոց քահանայութեան:

330. ՄԵՂԱԴՐԱՆԱՑ ԿԷՏԵՐ

Փարպեցին իր այդ նշանաւոր թուղթին մէջ յառաջ կը բերէ իրեն դէմ խօսուած գլխաւոր ամբաստանութիւնները, եւ ընդարձակօրէն կը հերքէ, մէջտեղ դնելով անոնց ստութիւնն ու անհեթեթութիւնը: Մեզի համար աւելորդ էր այդ մանրամասնութեանց մտնել, իբրեւ բոլորովին մասնաւոր պարագայ մը, սակայն նկատելով որ անոնք ցոյց կու տան ժամանակին տիրող հոգին, ու քսուներու գործածած ձեւերը, եւ կրնան բաղդատութեան դրուիլ դարեր յետոյ տեղի ունեցած նմանօրինակ դէպքերու հետ, աւելորդ չենք սեպեր անոնց համառօտ քաղուածը տալ: Պատմութիւնը ոչ միայն մեծ եղելութիւններուն պիտի հետեւի, այլեւ մանր հանգամանքերու մէջ մտնելով` տիրող հոգին պիտի բացատրէ, եւ եղելութեանց բուն արժէքը ի վեր պիտի հանէ, անոնց սկզբնապատճառներն ու հետեւանքները ցուցնելով: Փարպեցին ամբաստանող Աբեղեանը կ՚ըսէ եղեր, թէ 1. Ղազար ասէ, թէ պոռնկութիւն մեղք չեն, զայն եւ մարզպանին սադրէ (ՓԱՐ. 190), 2. Ուրիշներ ալ կ՚ըսեն եղեր, թէ Ղազար աղանդաւոր է (ՓԱՐ. 112): Այս երկու կէտերուն մասին ընդարձակ հերքում կու տայ, գիտնական բացատրութիւններ կուտելով Ս. Գիրքէն եւ իր ստացած ուսումներէն: 3. Դարձեալ կ՚ըսեն եղեր, թէ գամ մի պիղծ ոք է եւ չարագործ, Ղազարոյ վանք անդ են եւ սիրէ զնոսա (ՓԱՐ. 195): Իսկ բացատրութեան մէջ կը յայտնէ, թէ ինքն աւելի Վահանի եղբայրներուն ու եղբօրորդիներուն տուները կը գտնուի եղեր: 4. Կ՚ըսեն եղեր թէ վանքին ստացութենէն շատ բան իւրացուցած է: Այդ մասին տոմարները վկայութեան կը կոչէ. իւրաքանչիւր սարուք տուրն որոշողութեամբ մնաց ի տեղւոջն գրով, եւ Ակիթ Գարդմանացիի մը անունը կու տայ, որ հսկողութիւն վարած է ստացութեանց վրայ (ՓԱՐ. 196): 5. Ըսեր են, թէ իր ելնելէն ետքը վանքին մէջ բան մը չգտնուեցաւ, եւ կը յայտնէ թէ զինքն հալածած ատեննին ամէն բան թալաներ եւ իւրացուցեր են, եւ արդ իմով ընչիւք շրջէին պճնեալք (ՓԱՐ. 117): 6. Իր քարոզներն ալ մեղադրեր են, ի նախնումն գետնաբար խօսէր Ղազար, այժմ անգիտաբար (ՓԱՐ. 200): Այդ կէտին վրայ շատ աւելի զգածեալ կը գրէ: 7. Կը յիշէ զանազան պարագաներ յորս զինքն սխալեցնել ուզած են, եւ կը յաւելու. ես, վասնզի տկարամիտ եւ անզգուշացող այր եմ յերկրաւոր միտս, ոչ զգացի ժամոյն դաւոյն (ՓԱՐ. 198), այսուհանդերձ բացատրութիւնները եւ ջատագովութիւնները պակաս չ՚ըներ: Կան ուրիշ մանր կէտեր ալ զորս զանց կ՚ընենք: Փարպեցին երկարօրէն կը գրէ առ նախանձու զրպարտուածներուն վրայ, Ս. Գիրքէն օրինակներ եւ վկայութիւններ յառաջ բերելով, եւ վերջին ատեններէն ալ օրինակներ յիշելով, Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետներէն եւ հայրապետներէն, որոնց երկար ցուցակը քաղեր է, սակայն դժբախտաբար ճիշդ այդ կտորին մէջ թերթ ինկած է ձեռագիրէն եւ ցուցակը կիսատ մնացած (ՓԱՐ. 202): Հասած կտորին մէջ կը յիշուին Մովսէս, Տիրայր, Խոսրովիկ, Աբրահամ, եւ ցուցակը կը փակուի` Գրիգորի, Ներսիսի եւ Սահակի անուններով, եւ Հայոց կործանման մասին անոնց տեսած տեսիլքներով, որոց ոչ բացեալ ի բարիբան զբերանս իւրեանց ի վերայ աշխարհիս այսորիկ, վախճանեցան (ՓԱՐ. 203): Այսչափ բաւական ըլլայ ժամանակին նկարագիրը իմանալու համար:

331. ԲԱԲԳԷՆԻ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Բաբգէնի օրերուն պատմութեան մտած ատեննիս առաջին եւ գլխաւոր խնդիրը նորա կաթողիկոսութեան տեւողութիւնն է: Հինէն եւ նորէն բոլոր պատմագիրներ եւ ցուցակագիրներ, ընդհանրապէս 5 կամ 6 տարիէ աւելի ժամանակ չեն տար Բաբգէնի, եւ քիչեր 3 տարի միայն, մինչ ժամանակագրական զննութիւններ կը պարտաւորեն հիմնապէս հեռանալ այդ թիւերէն, եւ աւելի երկար տեւողութիւն տալ անոր կաթողիկոսութեան: Այդ եզրակացութեան յանգելու համար մեր շատոնց դիտած կէտերը հետեւեալներն են: Բաբգէնի կաթողիկոսութեան սկիզբը ճշդելու համար պէտք է նկատի առնուլ Գիւտի եւ Մանդակունիի կաթողիկոսութիւնները, որոնք սերտ կապակցութիւն ունին Վահանեանց շարժումին հետ, եւ այս ալ Պարսից թագաւորներուն ժամանակագրութեան հետ, որ այժմ շնորհիւ արտաքին քննադատներու ստոյգ թուականներով որոշուած է: Ըստ այսմ Վաղարշի թագաւորելէն 6 տարի անդին հնար չէ թողուլ Մանդակունիին մահը, որով Բաբգէնի ընտրութիւնն ալ 490-էն անդին չի կրնար յետաձգուիլ: Բաբգէնէ մինչեւ Աբրահամ Աղբաթանեցի միջանկեալ ութը կաթողիկոսներու մասին, այնպիսի համաձայնութիւն մը կայ հին պատմագիրներու եւ ցուցակագիրներու մէջ, որ անոնք այլայլելու կամ ժամանակագրութիւնը խախտելու բնաւ պատճառ մը չի կրնար գտնուիլ, եւ խիստ քննադատն անգամ կը պարտաւորուի անոնց համաձայնութիւնը յարգել, եւ անոնց ժամանակները նոյնութեամբ պահել պատմական կամ աւանդական տեւողութիւններու համաձայն: Այս ութերուն յաջորդող Աղբաթանեցիի թուականին գալով անոր, ընտրութիւնը որոշակի նշանակուած է Խոսրով Բ. ի թագաւորութեան 17-րդ տարին (ՈՒԽ. Բ. 2 եւ 62). այսինքն է 607-ին: Ըստ այսմ Աղբաթանեցիի ընտրութենէն ետ ետ գալով պիտի ճշդենք Բաբգէնի յաջորդին, Սամուէլ Արծկեցիի ընտրութիւնը, որ կ՚իյնայ 516-ին, եւ Մանդակունիին մահուընէն մինչեւ Արծկեցիին ընտրութիւնը մնացող 26 տարիներու միջոցը պիտի վերագրենք Բաբգէնին: Բայց ինչ որ այս կերպով լոկ ենթադրական հաշիւ մը կը կարծուի, նորանոր վկայութիւններ իբրեւ կատարելապէս դրական կը հաւաստեն: Գիրք Թղթոցին մէջ գտնուած Թուղթ Հայոց ի Պարսս գրուածը` որոշակի կու տայ Բաբգէն կաթողիկոսի անունը` Կաւատ թագաւորին 18-րդ տարին, այսինքն է 506-ին (ԹՂԹ. 42), եւ Բաբգէնի անունը կը կրկնուի նաեւ երկրորդ թուղթին մէջ, որ աւելի ուշ գրուած է (ԹՂԹ. 48): Հետեւաբար անգամ մը որ կը խախտուի հնաւանդ յիշատակներու 5 կամ 6 տարիներու դրութիւնը, այլեւս դժուարութիւն չենք զգար ժամանակագրական պահանջից հպատակեցնել Բաբգէնի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը: Եթէ ներեալ է ենթադրական մեկնաբանութիւն մը տալ այդ տարօրինակ տարբերութեան, պիտի ըսենք թէ թուատառով գրուած ԻԵ կամ ԻԶ թուականներուն մէջ` թուանշան Ի տառը նախդիր ի տառի փոխուելով, թուականը գրչագիրներու ձեռքին տակ աղաւաղուած է, եւ միայն Ե կամ Զ տառերը իբր թուանշան մնացած են, եւ այնպէս ալ մէկէն միւսին անցած են:

332. ՀԱՅԵՐ ԵՒ ՔԱՂԿԵԴՈՆ

Հինգերորդ դարուն պատուական մատենագիրներուն դադարելէն ետքը` սոսկալի դատարկ կը հանդիպինք մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, այնպէս որ Զ. եւ Է. դարերու պատմութիւնները կրնանք ըսել թէ բոլորովին կը պակսին: Երբ Է. դարէն ետքը Սեբէոս Բագրատունի, Մովսէս Կաղանկայտուացի, Ղեւոնդ վարդապետ, Յովհաննէս կաթողիկոս, Թովմաս Արծրունի, Ստեփանոս Ասողիկ եւ Ուխտանէս եպիսկոպոս հետզհետէ երեւան կու գան, անոնք հինգերորդ դարու պատմագիրները համառօտուելէ ետքը, Զ. եւ Է. դարերու համար հազիւ թէ անուններ եւ տարիներ կը նշանակեն, եւ կ՚անցնին իրենց օրերուն եղելութիւնները յառաջ բերել: Մենք ալ հետեւաբար աւելի բան մը պիտի չկարենանք ներկայել, եւ բոլոր մեր մտադրութիւնը պիտի դարձնենք այդ ժամանակէն մնացած քանի մը թղթակցութիւններու եւ կրօնական գրուածներու վրայ: Արդէն ալ Մանդակունիէն ետքը հիմնապէս կը փոխուի պատմութեան նկարագիրը, եւ թախծալի կամ ողբալի, բայց միշտ հետաքրքրաշարժ եւ շահագրգռող եղելութեանց տեղ` առջեւնիս կ՚ունենանք կրօնական վէճերու անհատնում շարք մը, որք իրարու կը յաջորդեն առանց վերջ գտնելու: Այդ վէճերուն աղբիւրն ու սկզբնապատճառը Քաղկեդոնի ժողովն է, զոր Հայ Եկեղեցին երբեք չուզեց ճանչնալ, նկատելով զայն իբրեւ հակասութիւն Եփեսոսի ժողովին հետ, ուր Յիսուսի Քրիստոսի մարդկութեան եւ աստուածութեան կատարեալ միաւորութիւնը վճռուեցաւ Նեստորի վարդապետած տարբերութեան դէմ: Այս հիմամբ որեւէ երկուքութեան կամ տարբերութեան գաղափարը, իբր Քրիստոսի միութիւնը ու միաւորութիւնը եղծանող, Հայոց Եկեղեցւոյ կողմէ անընդունելի դատուեցաւ: Իրօք ալ Քաղկեդոնի ժողովին մէջ ընդունուած երկու բնութեանց վարդապետութիւնը, Եփեսոսի ժողովով վճռուած միութեան ու միաւորութեան հետ համաձայն չէր գար` մեր վարդապետներուն եւ հայրապետներուն տեսութեամբ, հետեւաբար երբեք չուզեցին Քաղկեդոնի կանոններուն հաւանիլ: Սակայն պարզ մերժումով մը գործը չվերջացաւ: Հայեր, թէ կենցաղապէս եւ քաղաքականապէս, եւ թէ կրօնապէս ու եկեղեցականապէս չէին կրնար ջնջել իրենց յարաբերութիւնները` տեղւով դրացի եւ նախընթացով կապակցեալ Յունաց եկեղեցւոյն հետ: Պետական տեսակէտով ալ, Յունական կամ Բիւզանդական կայսրութիւնը երբեմն տիրապետող էր Հայաստանի վրայ, երբեմն ալ պատերազմող Հայաստանի համար. Հայեր ուզէին թէ չուզէին Յունաց հետ յարաբերութեան մէջ պիտի լինէին: Իսկ Յոյներ, իրենց ազդեցութիւնը եւս քան զեւս ամրացնելու հետամուտ, Հայերը կրօնապէս եւ եկեղեցականապէս ալ իրենց հպատակեցնելու կ՚աշխատէին, մինչ Հայեր այդ վերջին համաձայնութենէ կամ հպատակութենէ բոլորով սրտով կը խորշէին, թէպէտ միեւնոյն ատեն ամէն յարաբերութիւն խզել ոչ կրնային եւ ոչ ալ կը կամենային: Այդ մէկ կողմէ վարանոտ` եւ միւս կողմէ հաստատամիտ ուղղութեան հետեւանքն է, Զ. եւ Է. դարերու կրօնական խնդիրներուն եւ վէճերուն անվերջ շարունակութիւնը, որք Քաղկեդոնական խընդիր անունով կրնան կոչուիլ: Այս նպատակով հարկ կը զգանք քիչ ետ դառնալ, եւ խնդիրը իր ծագումէն ներկայել, զոր մինչեւ հիմա զանց ըրինք, որովհետեւ մինչեւ Բաբգէնի օրը, Հայոց համար գոյութիւն ունեցող խնդիր մը չէր, եւ քաղաքական կացութիւնն ալ առիթ չէր ներկայեր, յունական կողմին գործերով եւ խնդիրներով զբաղիլ:

333. ՔԱՂԿԵԴՈՆԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Եփեսոսի երրորդ տիեզերական ժողովը վերջացեր էր 431 Յուլիս 31-ին, դատապարտելով Նեստորի վարդապետութիւնը, որ բաժանում եւ տարբերութիւններ կը դնէր Քրիստոսի աստուածութեան եւ մարդկութեան մէջ, իբր այն թէ Աստուած բնակեալ ըլլայ ի մարդն, եւ ոչ միացեալ, որով Քրիստոս կ՚ըլլար լոկ Աստուածակիր մը, եւ Մարիամ` լոկ Քրիստոսածին մը: Այս վարդապետութեան դէմ իբրեւ նշանաբան հռչակուեցաւ ժողովին մէջ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բացատրութիւնը, Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ, Նեստոր Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութենէն զըրկուեցաւ, դատապարտուեցաւ եւ նզովուեցաւ, եւ աքսորուեցաւ Անտիոքի մօտ, Ս. Եւպրեպեայ վանքը, եւ անկէ ալ 435-ին Լիբիոյ անապատը, ուր եւ մեռաւ 440-ին: Իսկ Նեստորականներ, որոնք Անտիոքի Յովհաննէս պատրիարքին եւ Ասորիքի եպիսկոպոսներուն պաշտպանութիւնը կը վայելէին, դէպի Արեւելք քաշուեցան, եւ Եդեսիոյ մէջ կեդրոնացան, ուր իրենց պաշտպան կեցաւ Իբաս եպիսկոպոս, որ 435-ին Ռաբուլասի յաջորդած էր, եւ այնտեղ զօրացան մինչեւ որ 487-ին Զենոնի հրամանով ցրուեցան: Նեստորի վարդապետութեան դէմ մաքառողներուն մէջ նշանաւոր էր եղած Եւտիքէս, Բիւզանդիոյ մօտ եղող Կուկի կղզւոյն ծերունի վանահայրը (ԹՂԹ. 215), որ Քրիստոսի միութիւնը այնչափ եւ այնպէս բուռն սկսաւ պնդել, որ աստուածութիւնը եւ մարդկութիւնը իրարու հետ շփոթուած նկատեց, եւ աստուածութեան եւ մարդկութեան խառնուրդ մը սկսաւ քարոզել, մարդկութեան ընկղմամբ եւ գրեթէ ոչնչացմամբ աստուածութեան մէջ, զոր օրինակ կաթիլ մը մեղր ծովին մէջ, կամ շիւղ մը բոցին մէջ, եւ մինչեւ իսկ Քրիստոսի մարմինին երկնային ծագում եւ բացառիկ գոյացութիւն վերագրելու հասաւ: Եւտիքէսի վարդապետութիւնը նախ վանքերու եւ վանականներու մէջ ընդունելութիւն գտաւ, եւ միայն 447-ին հրապարակի վրայ սկսաւ խօսուիլ: Փլաբիանոս պատրիարք, որ Պրոկղի նոր յաջորդած էր, խնդիրը նկատի առաւ, եւ 448-ին տեղական ժողովով մը Եւտիքէսը դատապարտեց` երկու բնութիւն բացատրութիւնը մէջտեղ դնելով: Կիւրեղ մեռած էր 444-ին, մի բնութիւն բացատրութեան պաշտպանը, սակայն իրեն յաջորդած էր Դիոսկորոս, իր նախորդին նախանձայոյզ պաշտպանը, որ ձայն բարձրացուց Փլաբիանոսի ստեղծած բացատրութեան դէմ, իբրեւ Նեստորական վարդապետութեան կրկնութիւն մը: Թէոդոս Բ. կայսեր ալ գրեց, եւ նոր ժողով մը գումարելու արտօնութիւն ստացաւ, որ եւ տեղի ունեցաւ Եփեսոսի մէջ 449 Օգոստոս 8-ին, 135 եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ: Եւտիքէս նախընթաց ժողովներու համաձայն դաւանութիւն մը ներկայելով արդարացաւ, եւ Փլաբիանոսի բացատրութիւնը դատապարտուեցաւ: Աղեքսանդրիոյ աթոռը իր փայլն ու ազդեցութիւնը օրըստօրէ կը զօրացնէր, յորմէհետէ նեստորականութեան դէմ սկսած էր մաքառիլ Կիւրեղով եւ Դիոսկորոսով, ինչպէս կանխաւ ըրած էին Աղեքսանդր ու Աթանաս արիոսականութեան դէմ: Այդ պարագան հաճելի չէր Հին եւ Նոր Հռոմներու հայրապետութեանց, որք իրենց առաւելութեան ձգտումներով կը զբաղէին, եւ Հռոմի Լեւոնը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Անատոլիոսը, որ Փլաբանիոսի նոր յաջորդած էր, միացան Աղեքսանդրիոյ Դիոսկորոսին դէմ: Մարկիանոս կայսր ալ, որ 450-ին Թէոդոսի յաջորդած էր, իրենց հետ միացաւ, Հռոմի օգնութեամբ` Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը բարձրացնելու դիտմամբ, եւ այսպէս կազմակերպուեցաւ նոր կացութիւն մը: Լեւոն 450-ին ժողով մը գումարեց ի Հռոմ, ուր Եփեսոսի 449-ի ժողովը եւ Դիոսկորոսը մերժեց, Փլաբիանոսը պաշտպանեց, եւ իբր հաւատոյ կանոն հռչակեց Փլաբիանոսի ուղղած իր թուղթը, 449 Յուլիս 13-ին գրուած, եւ Տումար Լեւոնի կոչուած: Այդ թուղթը երկուքի եւ բաժանման գաղափարներ կը պարունակէ, յայտարարելով թէ Քրիստոս կարասցէ մեռանել ըստ միոյ եւ ոչ կարասցէ մեռանիլ ըստ միւսոյ (ԼԵՒ. 12), թէ բանն ներգործէ զոր բանին է, եւ մարմինն կատարէ զոր մարմնոյն է (ԼԵՒ. 16), եւ վերջապէս` թէ թէպէտեւ ի տէր Յիսուս Քրիստոս մի անձ է, բայց այլ է ուստի անարգանքն, եւ այլ ուստի փառքն (ԼԵՒ. 20), եւ ուրիշ նման բացատրութիւններ, որոնք նեստորական երկուքութեան դուռը կը բանային, այնպէս որ փրկագործ չարչարանաց ոյժը միայնոյ մարդկութեան կը մնար, եւ իր իսկութիւնը կը կորսնցնէր: Բնութիւնն ալ, որ ըստ իմաստասիրաց է, էութիւն նկատեալ իբր սկիզբն գործողութեանց, երկու կը լինէր, եւ երկու սկիզբն եւ երկու Քրիստոս ընդունելու պիտի տանէր, Նեստորի դրութեան համաձայն:

334. ՔԱՂԿԵԴՈՆԻ ԺՈՂՈՎԸ

Մարկիանոս եւ Լեւոն իրենց նպատակը յաջողցնելու համար մտածեցին աւելի մեծ ժողով մը գումարել, թէպէտ անոր ատենին եւ տեղւոյն վրայ տարբեր տեսութիւններ ունէին. բայց վերջապէս Մարկիանոս գումարման հրովարտակը հանեց 451 Մայիս 17-ին: Ժողովը հրաւիրուած էր Բիւթանիոյ Նիկիա քաղաքը, բայց Մարկիանոս քաղաքական պատճառներով չկրցաւ Կոստանդնուպոլսէ հեռանալ. ուստի Սեպտեմբեր 22-ին հրամայեց որ եպիսկոպոսները Բիւթանիոյ Քաղկեդոն քաղաքը փոխադրուին, ուր Հոկտեմբեր 8-ին առաջին նիստը տեղի ունեցաւ: Մարկիանոս կայսր եւ Պուղքերիա կայսրուհի, ամէն միջոց գործածեցին, որպէսզի Աղեքսանդրիոյ աթոռին ազդեցութիւնը կոտրուի, եւ Դիոսկորոս դատապարտուի, որ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին բարձրացման դիւրութիւն ընծայուի: Այդ մասին Հռոմը իրենց կողմը ունենալնուն համար, պարտաւորուեցան Լեւոնի Տոմարը ընդունիլ իբր սահման հաւատոյ: Եպիսկոպոսներ բազմաթիւ էին, 636 հոգի, բայց գրեթէ ամէնքը Կոստանդնուպոլսոյ եւ Անտիոքի պատրիարքութեան սահմաններէն: Որչափ ալ ներկաներուն կողմէն վերապահութիւններ յայտնուեցան, Եգիպտացւոց կողմէն դիմադրութիւններ եղան, եւ Արեւմտեաց կողմէն բացարձակ բացակայութիւն ցուցուեցաւ, այսուհանդերձ Մարկիանոսի եւ Պուղքերիայի նպատակը յաղթանակեց: Կայսերական պաշտօնեաներ ժողովին վարիչները եղան, զինուորական ոյժ մը ժողովը կը ճնշէր, ամէն դիտողութիւն արտաքին ուժով կը զսպուէր, մինչեւ որ Նոյեմբեր 1-ին ժողովը փակուեցաւ: Սակայն վերջին պահուն Լեւոնի եւ Մարկիանոսի համաձայնութիւնը խզուեցաւ, նշանաւոր ԻԸ կանոնին պատճառով, որով Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը Աղեքսանդրիայէն նախապատիւ կը վճռուէր եւ Թրակիոյ ու Ասիոյ ու Պոնտոսի եկսարքութիւնները Կ. Պոլսոյ մետրապոլտութեանց կը վերածուէին: Լեւոն չկրցաւ համաձայնիլ այդ վճիռին, որով Հռոմայ դիրքը կը վտանգուէր, ուստի չհաւանեցաւ ժողովին ամբողջութեան: Աղեքսանդրիոյ աթոռը արդէն հակառակ էր, Անտիոքայ աթոռն ալ դիտողութիւններ ներկայեց, եքսարքութիւններն ալ չէին կրնար համակերպիլ, որով Թրակիայէ եւ Կոստանդնուպոլսէ դուրս Քաղքեդոնի ժողովին հեղինակութիւնը անհակառակ չըճանչցուեցաւ: Հայաստան միեւնոյն օրեր անհնարին շփոթութեանց մէջ կը գտնուէր: Աւարայրի ճակատամարտը Մայիս 26-ին, ինն օրով միայն ետքն է Մայիս 17-ի հրաւիրագիրէն: Հոկտեմբեր 8-էն մինչեւ Նոյեմբեր 17 ժողովին օրերը, Յովսէփ կաթողիկոս եւ նշանաւոր եպիսկոպոսներ եւ երէցներ եւ գլխաւոր նախարարներ Տիզբոնի մէջ բանտարկուած կը դատուէին, իսկ Հայաստանի մէջ եկեղեցին եւ երկիրը անգլուխ կը հեծէին: Հայեր Բիւզանդիոյ եւ Քաղկեդոնի անցքերով չէին կրնար հետաքրքրուիլ, եւ ոչ ալ տեղեկութիւն կրնային ունենալ: Նոյնիսկ օգնութիւն խնդրելու համար գացող պատգամաւոր նախարարներ, Մարկիանոսի մերժումին վրայ` Կոստանդնուպոլիսը թողած ետ դառնալու վրայ էին:

335. ԶԵՆՈՆԻ ՀԵՆՈՏԻԿՈՆԸ

Մարկիանոս ցորչափ կենդանի էր, ամէն միջոց գործածեց որպէսզի Քաղկեդոնի ժողովին հեղինակութիւնը պաշտպանէ, թէպէտ ըստ ամենայնի չյաջողեցաւ: Պրոտերիոս Քաղկեդոնիկ խումբէն, կայսերական հրամանով Աղեքսանդրիոյ պատրիարք եղաւ, բայց քիչ ետքը սպանուեցաւ: Թէոդոս Երուսաղէմի պատրիարք եղաւ 452-ին, Տիմոթէոս Ելուրոս կամ Կուզ Աղեքսանդրիոյ` 457-ին, եւ Պետրոս Փուլոն կամ Թափիչ Անտիոքայ` 470-ին, ամէնքն ալ Քաղկեդոնի ժողովի հակառակորդներ: Լեւոն Ա. Թրակացի, որ Մարկիանոսի յաջորդեց 457-ին, որչափ ալ ուզեց Քաղկեդոնի որոշումները պաշտպանել, սակայն պարտաւորուեցաւ հակառակորդներուն զիջանիլ, եւ թողուլ անոնք միջոց մը իրենց աթոռներուն վրայ: Երբ Տիմոթէոս Ելուրոս իր աթոռէն հեռացուեցաւ 460-ին, դարձեալ ուրիշ հակաքաղկեդոնիկ մը անցաւ աթոռին, ինչպէս էր Տիմոթէոս Սալսփակիոլոս: Նոյնպէս եղաւ Անտիոքի աթոռին վրայ Փուլոնի մերժումէն ետքը: Երբոր Լեւոն Թրակացին մեռաւ 474-ին, կայսրութիւնը մնաց իր չորս տարեկան թոռին Լեւոն Բ. կրտսերին, որ քանի մը ամիս ետքը մեռաւ, եւ կայսրութիւնը անցաւ Զենոնի, որ Լեւոն Ա. -ին փեսայ եւ Լեւոն Բ. -ին հայրն ու խնամակալն էր, բայց Բասիլիսկոս զօրավար, Լեւոն Ա. աներձագը, զօրացաւ ու կայսրութիւնը գրաւեց: Ելուրոս ու Փուլոն նորէն իրենց աթոռները դարձան, եւ Քաղկեդոնի վճիռները մերժուեցան 476-ին, կայսերական հրովարտակով եւ 500 եպիսկոպոսներու համաձայնութեամբ: Յիշենք անցողակի թէ այդ միջոցին Հայաստանի մէջ նորէն հալածանքներ սաստկացած էին, Գիւտ թագաւորական հրամանով զրկուած Ոթմուս առանձնացած էր, եւ ճիշդ 476-ին կ՚իյնար նաեւ Վահան Մամիկոնեանի բռնադատեալ կեղծուրացութիւնը 294): Մտածելու իսկ չէր որ Հայեր կարենային քաղկեդոնական խընդիրներով զբաղիլ, բայց եթէ զբաղէին ալ, հակաքաղկեդոնիկ որոշումներ պիտի տեսնէին քրիստոնեայ եկեղեցիներու կողմէ: Բասիլիսկոս չկրցաւ երկար վայելել ձեռք ձգած կայսրութիւնը, Զենոնի կողմը զօրացաւ 476-ին, որ իր իշխանութիւնը ամրացնելու նպատակով ուզեց միջակ ընթացք մը բռնել Քաղկեդոնիկներու եւ Հակաքաղկեդոնիկներու միջեւ, քանի որ առաջինները զօրաւոր էին մայրաքաղաքին մէջ. իսկ երկրորդները ընդարձակուած էին գաւառներու մէջ: Կոստանդնուպոլսոյ հայրապետական աթոռը բարձրացած էր 492-ին Ակակիոս, որ երկու կողմերը շահելու միտում ունէր, իսկ Աղեքսանդրիոյ աթոռը նստաւ Պետրոս Մոնգոս 481-ին, յայտնի պաշտպան մը իր նախորդին Տիմոթէոս Ելուրոսի: Ակակիոս ալ ցաւած եւ պաղած էր Հռոմի ընթացքէն, եւ նորէն Աղեքսանդրիոյ յարաբերութիւնները ուզեց մշակել, այլ այս հնար չէր Մոնգոսի հետ, առանց Քաղկեդոնի վճիռներու մասին համամտութիւն գոյացնելու: Թղթոց Գիրքին մէջ յառաջ բերուած են երկուքին թղթակցութիւնները, Պետրոսի ինն եւ Ակակի վեց նամակներով (ԹՂԹ. 243-275), որք հարկաւ յետ ժամանակաց ծանօթացան եւ թարգմանուեցան Հայոց կողմէն: Զենոն Ակակի եւ Պետրոսի համաձայնութեամբ զօրացած, նոր հրովարտակ մը հրատարակեց 482-ին, որ է հռչակաւոր Հենոտիկոն , որուն նպատակն էր երկու կողմերը հաշտեցնել միջակային իմն դրութեամբ: Նախապէս կը յիշէր Նիկիոյ եւ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովները իբր հիմնական կանոններ, յետոյ կը ցուցնէր Եփեսոսի ժողովին համաձայնութիւնը անոնց հետ, կը հաստատէր Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի 12 գլուխները, եւ կը մերժէր զՆեստորիոս միանգամայն ընդ Եւտիքեայ հակառակս իրերաց մտածեալս. լռութեամբ կ՚անցնէր Քաղկեդոնի ժողովին խնդիրը, եւ կը յաւելուր համառօտ դաւանութիւն մը, թէ մի է Միածին Որդին Աստուծոյ, եւ թէ զայնոսիկ որ բաժանեն, զայնպիսիսն ոչ ընդունիմք (ԹՂԹ. 271): Ժամանակակցութիւնները դիտելով կը գտնենք, թէ Հենոտիկոնի հրատարակութիւնը տեղի ունեցաւ ճիշդ այն միջոցին, երբ Վահան Մամիկոնեան ոգի ի բռին կը մաքառէր հաւատոյ պաշտպանութեան համար Ներսէհապատի ճակատամարտին մէջ, Մանդակունին ալ մեծ պայքարին կը հովանաւորէր 297), կրօնական վէճերով զբաղելու ատենը չէր:

336. ԱՆԱՍՏԱՍԻ ՕՐՈՎ

Զենոնի Հենոտիկոնը իր նպատակին չծառայեց. երկու կողմերն ալ իրենց ուզածը չգտան անոր մէջ, նոյնիսկ գործակից հայրապետներն ալ իրենցներէն անարգուեցան, Ակակ երկաբնակ Քաղկեդոնիկներէն, եւ Պետրոս միաբնակ Եփեսոսականներէն: Փելիքս Բ., որ 483-ին Հռոմի հայրապետ եղաւ, եւ Հենոտիկոնով իր նախորդին Լեւոնի յիշատակը նախատուած կը նկատէր, Արեւելքի անհամաձայնութենէն օգտուելով, մասնաւոր ժողովով մը 484-ին մերժեց Հենոտիկոնը եւ դատապարտեց անոր ձայնակից եղող Ակակ եւ Պետրոս հայրապետները, որով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ խզում մըն ալ սկսաւ, եւ 35 տարի տեւեց մինչեւ 519: Զենոն գէշ աղէկ քաշկռտեց իր կայսրութեան օրերը, մինչեւ իր մահը` 491. միշտ երկու կողմերուն ալ զինքն մօտ ցուցնելով, բայց իրօք Քաղկեդոնի կողմը տկարացնելով, հիմնուելով միշտ Նեստորականաց եւ Քաղկեդոնականաց վարդապետական նմանութեան եւ մերձաւորութեան վրայ: Այդ պատճառով Եդեսիոյ Նեստորական կեդրոնն ալ հրամայեց ցրուել 487-ին: Նեստորականներ պարտաւորուեցան կեդրոննին Պարսից տէրութեան ներքեւ հաստատել, ուր Վաղարշ կանուխէն քրիստոնէից ազատութիւն տալու սկսած էր, եւ աւելի հեշտ գտած էր Յոյներէ հալածուած քրիստոնեաները քաջալերել: Անաստաս Ա., որ Զենոնի յաջորդեց անոր այրիին հետ ամուսնանալով, յայտնապէս Հակաքաղկեդոնիկներուն կողմէ եղաւ: Թէպէտեւ կ՚ուզէր Հռոմի հետ խզումը վերջացնել, բայց չէր կրնար անոր պայմանները ընդունիլ: Միւս կողմը ժամանակին աւելի բանիմաց եւ հմուտ անձերը Քաղկեդոնի ժողովին դէմ էին, եւ սա իրեն համար կարող պաշտպան մը չունէր: Արեւելքի եպիսկոպոսներ ընդհանրապէս անոր հակառակ էին, եւ միայն մայրաքաղաքին մէջ փորձեր եղան կայսրը Քաղկեդոնիկներուն կողմը ձգելու (ՄԻՆ. 335): Բայց Անաստաս իր համոզումէն ետ չկեցաւ, 506-ին նոր հրովարտակ մըն ալ հանեց, որով կը հաստատէր Զենոնի Հենոտիկոնը, մերժելով զՏումարն Լեւոնի եւ զժողովն Քաղկեդոնի, եւ նզովելով բոլոր հերետիկոսութիւնները եւ անոնց պետերը, այսինքն զՊօղոս Սամոստացի, եւ զԴիոդորոս, եւ զԹէոդորոս, եւ զՆեստորիոս, եւ զԹէոդորետոս, եւ զՂութարիս, եւ զԱնդրէաս, եւ զՀիբաս, եւ զԿիւրէ, եւ զՅովհան Եգեացի, եւ զԲարծումա, եւ զԱկակ Պարսիկ, եւ զԱպողինարիոս, եւ զԵւտիքոս, եւ զՍաբելիոս, եւ զԱրիոս, եւ զԵւնոմիոս, եւ զՄակեդոնիոս, եւ զՄանի, եւ զՄարկիոն, զԲարդեծուն (ԹՂԹ. 277): Երբոր Անաստասի հրովարտակը կը հրապարակուէր, 18 տարի էր որ նեստորականութիւնը Պարսկաստանի մէջ պաշտօնական պաշտպանութիւն գտած էր, եւ բաւական ալ զօրութիւն էր ստացած, որով ձեռնհաս կ՚ըլլար նեղութիւն պատճառել նախապէս Պարսկական գաւառներու մէջ գտնուող քրիստոնեաներու, որք ամուր էին Եփեսոսական դաւանութեան վրայ: Միւս կողմէն Նեստորական վարդապետներուն քարոզութիւնները, եւ Քաղկեդոնի որոշումները իբր փաստ գործածելնին, միտքերու շփոթութիւն կը պատճառէր, եւ դաւանական խնդիրներու ասպարէզ կը բանար: Վաղարշ թագաւոր մեռած էր Նեստորականներու վերջնական կերպով Պարսկաստանի մէջ հաստատուելէն քիչ ետքը, բայց իր յաջորդը Կաւատ, Պերոզի որդին, միեւնոյն ուղղութեամբ կը գործէր, 488-ին թագաւորական գահը բարձրանալէն ի վեր: Այստեղ պէտք է յիշենք թէ նոր քննադատներ, նոյնիսկ դրամներու ուսումնասիրութեանց վրայ հիմնուելով հաստատած են, թէ Կաւատ իբր օրինաւոր թագաւոր, իր տարիներուն մէջ համրած է իր եղբօր Ջամասպի բռնակալութեան միջանկեալ չորս տարիները (ՆՕԼ. 427), որով իր 18-րդ տարին պէտք է նոյնացնել 506 թուականին հետ:

337. ՎԱՀԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Քաղկեդոնական խնդրոյն լուսաբանութեան համար, անոր սկզբնաւորութիւնը եւ առաջին ժամանակները պատմելէն ետքը, պէտք է Բաբգէնի կաթողիկոսութեան դառնանք, այլ դժբախտաբար մեր պատմագիրներ հասցուցած չեն մեզի ժամանակին եղելութիւնները: Այս կը նպաստէ հետեւցնել թէ Վահան Մամիկոնեանի մարզպանութիւնը եւ յաջողութիւնը կրցան խաղաղ օրեր պարգեւել Հայաստանի, եւ գործերու կանոնաւոր ընթացք մը տալ առանց անակնկալ դիպուածներու: Ոմանք ասորական աղբիւրներէ քաղելով կը պատմեն թէ Կաւատ 492-ին նորէն հալածանք հանեց քրիստոնեաներուն դէմ, թէ Վահան կամեցաւ Պարսիկներէն վտարանջել, թէ 495-ին բանակցութեան մտաւ Անաստաս կայսեր հետ, եւ թէ կացութիւնը փոխուեցաւ 497-ին Կաւատի գահազրկութեամբ, մինչեւ որ 501-ին նա յաջողեցաւ Ջամասպը յաղթահարել եւ նորէն գահը գրաւել: Բայց այս անգամ իր հպատակ քրիստոնեաներուն ամէն դիւրութիւն շնորհեց, որպէսզի անոնց օգնութեամբ կարենայ Յոյներուն դէմ յաջողիլ, որոնց հետ պատերազմ բացաւ 502-ին, եւ 503-ին Ամիդը առաւ, եւ երկու տարի եւս պատերազմը շարունակեց, մինչեւ որ 505-ին եօթնամեայ հաշտութիւնը կնքուեցաւ (ՉԱՄ. Բ. 230-235): Մեր պատմիչներու մէջ այսպիսի ակնարկ մը չենք տեսներ, Յունաց հետ պատերազմը մեր շրջանակէն դուրս է, իսկ Վահանի` խաղաղական մարզպանութիւն միայն կը տրուի (ՅՈՎ. 80), եւ կը վկայուի թէ բարւոք վճարեալ թողու փոխանակ իւր զՎարդ պատրիկ (ԱՍՈ. 83), եւ թէ շինեալ զերկիրն նորոգեաց վերստին (ՍԵԲ. 46), ուր կրկին նշկահելու ամենեւին ակնարկ չկայ, եւ ասորական աղբիւրէ պատմուածները շփոթուած կ՚երեւին մարզպանութենէ առաջ տեղի ունեցած եղելութեանց հետ: Իսկ Վահանի մարզպանութեան տեւողութիւնը սովորաբար մինչեւ 26 տարի կ՚երկարաձգուի եւ մահը կը դրուի 510-ին (ՉԱՄ. Բ. 236 եւ ՊԱԼ. 213), զոր Անեցին իր սխալ հաշուով մինչեւ 536 կը յետաձգէ (ՍԱՄ. 74), բայց ասոնք առանց ստոյգ հիման ըսուած են: Մեզի հասած աղբիւրներուն վաւերագոյնը Բաբգէնի առաջին նամակն է, Կաւատի 18-րդ տարին գրուած, ուր Վահանի անունը գրուած չկայ, այլ հայ իշխաններու առաջին կը նշանակուի Վարդ Մամիկոնեան (ԹՂԹ. 42), թէպէտ մարզպանին անունը չի տրուիր, ինչպէս տրուած է երկրորդ նամակին մէջ (ԹՂԹ. 48): Բայց այսչափն ալ բաւական է հետեւցնելու թէ Վահան մեռած էր 506-է առաջ, եւ հարկ կը լինի Վահանի մարզպանութիւնը 20 տարիէ աւելի եւ 505 թուականէ անդին չյետաձգել: Եւ եթէ Կաւատ առանց դժուարութեան մարզպանութիւնը Վահանէ ետքը անոր եղբօրը յանձնեց, պէտք է ըսել թէ երբեք Վահանէ դժգոհ մնալու առիթ ունեցած չէր: Եթէ Վահան մարզպանութենէ ետքն ալ Պարսիկներու դէմ ելած եւ Յոյներու օգնութեան դիմած ըլլար, Վարդին մարզպանութիւն չէր տրուեր, ուստի անգամ մըն ալ իբր անհաւանական եւ անընդունելի կը դատենք ասորական աղբիւրէ քաղուած պատմութիւնը:

338. ՔԱՂԿԵԴՈՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Քաղկեդոնական խնդիրին Հայոց անծանօթ մնալը կ՚արդարանայ 451-էն ասդին տիրող խառնակ եւ շփոթ կացութեամբ, որ մինչեւ 485 տեւեց անընդհատ, մինչեւ որ Վահանի մարզպանութեամբ երկիրը խաղաղեցաւ, ներքին եւ եկեղեցական գործերով զբաղելու պատեհներ ստեղծուեցան, եւ արտաքին յարաբերութիւններ դիւրացան: Սակայն մենք կը գտնենք թէ 485-էն ետքն ալ տակաւին 20 տարւոյ միջոց մը Հայեր ոչ եկեղեցական խնդիրներու կը հետեւին, եւ ոչ քաղկեդոնական խնդիրներով կը զբաղին, այլ իրենք իրենց մէջ ամփոփուած կը մնան, եւ արտաքին յարաբերութիւններէ կը զգուշանան: Առ այս գլխաւոր պատճառ պէտք է սեպել Վահան մարզպանի քաղաքականութիւնը, որ բոլորովին պարսիկ արքունիքին բարեմտութեան վստահացած, զայն կ՚ուզէր մշակել անկեղծ ուղղութեամբ, հեռացնելով որեւէ Յունաց հետ մերձաւորութեան կասկածը: Միւս կողմանէ, եթէ կայսրութեան դիպուածներով ալ զբաղիլ ուզէին, վերջնական եւ որոշիչ փաստը Զենոնի Հենոտիկոնն էր, 482-ին հրատարակուած, Վահանի մարզպանութենէն քիչ առաջ: Աղեքսանդրիոյ եւ Անտիոքայ աթոռներ եւ գրեթէ բոլոր Արեւելք` Քաղկեդոնի հակառակ էին, եւ Հայերը պէտք չունէին աւելի փաստ որոնել: Հին յիշատակներու մէջ կը գտնուի զրուցատրական գրուած մը Մովսէս Խորենացիի եւ Դաւիթ Ներգինացիի վերագրուած, եւ Քաղկեդոնի ժողովին վրայ բացատրութիւններ տուող, զոր հնար չէ իբրեւ վաւերական գրուած նկատել, որովհետեւ անոնց օրով այսպիսի խնդիր ալ գոյութիւն չունէր: Գիրք Թղթոցին մէջ ճառ մը կայ, Երանելի մեծի քերթողահօրն Մովսէսի Խորենացի եպիսկոպոսի, որուն մէջ երկու բնութեան բացատրութիւնը կը հերքուի (ԹՂԹ. 22), իրաւ առանց Քաղկեդոնի յիշատակութեան, սակայն հաւանականագոյն է յետին ժամանակներու մէջ տարբեր Մովսէսի մը գործ կարծել: Ուրիշ գրուած մըն ալ կայ, Երանելւոյն Յովհաննու Հայոց եպիսկոպոսապետի ապացոյց յերկուց բնութեանց ասել զփրկիչն եւ կամ մի բնութիւն (ԹՂԹ. 29), ուր նոյնպէս Քաղկեդոնի յիշատակութիւն չկայ, եւ հնար է գրուածը պարզապէս Նեստորականներուն դէմ նկատել, եթէ երբեք հարկ լինէր Մանդակունիին վերագրել, այլ աւելի յարմար է Գաբեղեան կամ Օձնեցի Յովհաննէսներէն մէկուն գործը համարել: Կը պատմուի եւս թէ Վասակ եւ Տաճատ եւ Գոտեր Արծրունի նախարարներ` Մարկիանոսի ատեն Բիւզանդիա երթալով հրաւիրուեցան Քաղկեդոնի ժողովը ընդունիլ, բայց նախ իրենց վարդապետներուն կարծիքը առնելու պէտքը առջեւ դրին, եւ ըստ այնմ գրեցին Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութենէն Մամիկոնեանց եպիսկոպոս Աբրահամին: Ասոր պատասխանը կ՚ըլլայ` մի տալ տեղի լսել հրամանի թագաւորին, եւ նախարարներ ըստ այնմ կը խօսին կայսեր, որ այլեւս չի բռնադատեր եւ թողու ի կամս կամաց իւրեանց կեալ (ԱՐԾ. 90): Այդ մանր յիշատակները յառաջ բերինք հաստատելու համար թէ Վահանի մարզպանութեան օրով Հայոց մէջ երբեք քաղկեդոնական խնդիր չյուզուեցաւ, եւ թէ գտնուող ինչ ինչ յիշատակներ ըստ ինքեան անժամանակ եւ անհաւանական բաներ են, յետին ժամանակներու մէջ յօրինուած, հին ժամանակներէն արդարացում գտնելու դիտմամբ: Միթէ հաւանակա՞ն է ընդունիլ, որ Մարկիանոսի պէս ջերմ քաղկեդոնիկ մը Հայ եպիսկոպոսի մը խօսքին զօրութեամբ իր բռնադատութենէն հրաժարի: Կրնանք ուրեմն վստահօրէն հաստատել, թէ մինչեւ 506 թուականը Հայերը առիթ չունեցան եւ պէտք ալ չզգացին Քրիստոսի բնութեան կամ բնութեանց խնդիրներով լրջօրէն զբաղիլ, բայց եթէ նեստորական տեսակէտէն (54):

339. ԲԱԲԳԷՆԻ ԺՈՂՈՎԸ

Բաբգէն կաթողիկոս պատմականօրէն կը յիշէ, թէ Կաւատի 18-րդ տարին, մինչդեռ ժողովեալ էաք, ժամանակին Հայաստանի Ոստան կամ մայրաքաղաքը եղող Դուինի մէջ, եպիսկոպոսօք եւ վանականօք եւ նախարարօք (ԹՂԹ. 42), Տիզբոնի կողմերը եղող քրիստոնեաներէ պատգամաւորութիւն մը ներկայացաւ ժողովին: Ասկէ կը հետեւցնենք թէ յատկապէս պատգամաւորութեան պատճառով գումարուած չէր Դուինի ժողովը, այլ թէ սովորութիւն էր պարբերական ժողովներ գումարել եկեղեցւոյ ընթացիկ խնդիրները քննելու, եւ բարեկարգական պէտքերը կարգադրելու համար, եւ թէ ասոնցմէ մէկն էր 506-ի ժողովն ալ: Եպիսկոպոսներէ 20 անձ կը յիշուին յանուանէ, վանականներէն բնաւ մէկու մը անունը չի տրուիր, իսկ նախարարներէն ալ 14 հոգի յանուանէ յիշուած են, ուրիշները զանց ընելով: Եպիսկոպոսներուն թիւը շատ չէ, այնպէս որ Հայոց եպիսկոպոսութեան բացառիկ ժողով մը չի կրնար ըսուիլ, այլ յաւէտ պարբերական եւ պաշտօնական ժողով մը աթոռին գործերուն հսկող: Այս գաղափարը կը ներշնչէ մեզի Ուխտանէս, որ 30 վիճակներ կը յիշատակէ որք ընկալան աթոռ ի տեղիս տեղիս ի սրբոյն Գրիգորէ, եւ եթէ դիտենք այդ դարերուն պատկանող գրուածները, կը տեսնենք թէ գրեթէ միշտ նոյն 30 վիճակներուն եպիսկոպոսներն են որ գործի գլուխ կը գտնուին, եւ որք երիցութեան կամ մերձաւորութեան կամ կարեւորութեան տեսակէտէն կաթողիկոսին սովորական խորհրդականները եւ ընդհանուր եպիսկոպոսութեան ներկայացուցիչները կը նկատուին: Ըստ այսմ աւելորդ չենք նկատեր յիշեալ 30 վիճակներու ցուցակը անգամ մը յառաջ բերել, որ հետագայ գործողութիւններն ալ լուսաբանելու կը ծառայէ:

Այդ յիշեալ 30 վիճակներն են.

1. Հարք,

2. Ոստան (Դուին),

3. Տայք,

4. Մարգաղի,

5. Արշամունիք,

6. Արծրունիք,

7. Սիւնիք,

8. Ռշտունիք,

9. Մոկք,

10. Ամատունիք,

11. Բասեն,

12. Մամիկոնեանք (Տարոն),

13. Բագրեւանդ,

14. Խորխոռունիք,

15. Վանանդ,

16. Ապահունիք,

17. Արշարունիք,

18. Գնունիք,

19. Գողթն,

20. Գարդման,

21. Ակէ,

22. Բուժունիք,

23. Երուտակք,

24. Ասորիք,

25. Անձեւացիք,

26. Պալունիք,

27. Մեհնունիք,

28. Ելոյ (Հեր),

29. Զարեհաւան,

30. Միւսաւորիք (Մարդպետական)

(ՈՒԽ. Ա. 100): Արդ 506-ի ժողովին գտնուող եպիսկոպոսներն ալ այդ վիճակներէն են.

1. Մերշապուհ Մամիկոնէից

2. Ներսէս Մարդպետական

3. Տիրատուր Հարքայ

4. Սամուէլ Բզնունեաց

5. Փոկաս Բասենոյ

6. Սամուէլ Բասենոյ

7. Թաթուլ Արշարունեաց

8. Աղան Խորխոռունեաց

9. Ատատիոս Տայոց

10. Տաճատ Արշամունեաց

11. Դանիէլ Ռշտունեաց

12. Յափիկ Մոկաց

13. Խաբբաս Արծրունեաց

14. Շահէ Ամատունեաց

15. Սահակ Պալունեաց

16. Պօղոս Գնունեաց

17. Մովսէս Զարեհաւանի

18. Դաւիթ Տմորեաց

19. Դանիէլ Անձեւացեաց

20. Թէմրաս Մեհնունեաց

Ժողովին ներկայ նախարարներէն կը յիշուին.

1. Վարդ Մամիկոնեան

2. Սահակ Կամսարական

3. Սպանդիատ Բագրատունի

4. Արշաւիր Խորխոռունի

5. Զիկ Դիմաքսեան

6. Մանգէն Ամատունի

7. Տիրոտ Պալունի

8. Վարազներսէհ Դաշտկարանի

9. Վոտամ Ապահունի

10. Գնէլ Գնունի

11. Բաշխէն Վահեւունի

12. Արտաշիր Սիւնի

13. Ատրներսէհ Ռշտունի

14. Արտաշիր Առաւեղեան:

Այդ անուններուն (ԹՂԹ. 42) յիշատակութեամբ կ՚ուզենք միայն հաւաստել թէ Հայ Եկեղեցւոյ վարչութիւնը իրեն համար մնայուն ժողովական ձեւ մը ունէր, եւ թէ այդ ժողովին մէջ աշխարհականներն ալ եկեղեցականներուն հետ անդամակցութիւն կը վայելէին, եւ թէ եկեղեցականութեան մէջէն եպիսկոպոսներէ զատ, երիցանց եւ վանականաց եւ միայնացեալ մոնողոնուց գլխաւորներն ալ ժողովներուն կը մասնակցէին (ԹՂԹ. 42):

340. ԲԱԲԳԷՆԻ ԹՈՒՂԹԵՐԸ

Բաբգէնի առաջին թուղթը առանձինն առնուած ատեն, այնպէս իմն կ՚երեւի թէ լոկ Հայերն էին ժողովին ներկաները. նոյնպէս Սակս Ժողովոց գրուածն ալ Հայոց ժողովները պատմած ատեն, Բաբգէնի ժողովին մէջ ուրիշներու ներկայութիւնը չի յիշեր (ԹՂԹ. 221): Սակայն Աղբաթանեցին կը գրէ, թէ յայնմ ժողովի յորում անիծաւն միաբանութեամբ ժողովն Քաղկեդոնի եւ տումարն Լեւոնի, Վրաց Գաբրիէլ կաթողիկոսն ալ ներկայ էր ուրիշ 23 վրացի եպիսկոպոսներով, որոնց անուններն ալ կու տայ, եւ թէ Աղուանից կաթողիկոսն ալ ներկայ էր իր եպիսկոպոսներով (ԹՂԹ. 183): Արդ, 506-ի ժողովական թուղթը, զոր ամբողջաբար ունինք, ոչ Քաղկեդոնի խօսք կ՚ ընէ եւ ոչ Տոմարի, այլ պարզապէս եւ բացառապէս կը զբաղի Նեստորով եւ Պարսիկ Ասորեստանի մէջ գործող Նեստորականներով: Բայց կայ Բաբգէնի երկրորդ թուղթ մըն ալ, որ առ երեսս ժողովականի ձեւ չունի, սակայն ոչ մի իւիք առաջինէն կը տարբերի, բայց եթէ որ եպիսկոպոսներու եւ նախարարներու անունները չեն կրկնուած, այլ Մերշապուհէ ետքը աւելցուած է, եւ այլոց եպիսկոպոսաց Հայոց, որք ըստ գաւառաց եւ ըստ տանց, եւ նախարարներէն Վարդէ ու Սահակէ ետքը աւելցուած է, եւ յամենայն ազատաց, մեծամեծաց եւ փոքունց (ԹՂԹ. 48), որով առաջին նամակին անունները կրկնուած կը նկատուին, եւ ճիշդ այդ երկրորդ թուղթին մէջն է, որ Քաղկեդոնի ժողովն ու Լեւոնի տումարն ալ կը մերժուին: Այդ դիտողութիւնը կրնար մեզ առաջնորդել հետեւցնելու, թէ առաջին անգամ Հայեր Քաղկեդոնով չզբաղեցան, եւ թէ երբոր Պարսկ-Ասորեստանի քրիստոնեաներուն պատգամաւորը դարձաւ եւ լուր բերաւ, թէ Նեստորականներ մոլորութիւննին կը պնդեն ի ժողովոյն Քաղկեդոնի զօրացեալ (ԹՂԹ. 48), այն ատեն Բաբգէն երկրորդ գումարում մը կատարեց 508-ին ատենները, Վրաց եւ Աղուանից հետ միաբանութեամբ, եւ այդ ժողովին մէջ վճռեցին թէ փախչիմք ուրացեալ զ ÿ ի Քաղկեդոնին ստութիւն Նեստորի եւ այլոցն նմանից (ԹՂԹ. 49): Օձնեցին ալ, որ Կաւատի 18-րդ տարւոյն ժողովը կը պատմէ, Նեստորի եւ Ակակի եւ Բարծումայի մերժումը կը յիշէ, իսկ Քաղկեդոնի եւ Լեւոնի խօսքը բնաւ չ՚ըներ (ԹՂԹ. 220): Ուրիշներ ուրիշ մեկնութիւններ ուզած են տալ, յիշեալ տարբերութիւնները պարզելու նպատակով: Մեր ներկայածը պարզապէս Քաղկեդոնի խնդրոյն չյիշուելուն կէտը կը շօշափէ, ապա թէ ոչ նոյնիսկ առաջին նամակին համար Բաբգէն կը հաստատէ, թէ գրեցաք իսկ ձեզ յառաջագոյն Վրաց եւ Աղուանից միաբանութեամբ: Իսկ Վրաց եւ Աղուանից եպիսկոպոսներուն չյիշուիլը կ՚արդարանայ անով, որ իւրաքանչիւր աշխարհի գրով գրեր են (ԹՂԹ. 51), այսինքն երեք ազգերուն կողմէն զատ զատ գիրեր գրուեր են, եւ իւրաքանչիւրին եպիսկոպոսները իրենց գիրերուն մէջ յիշուեր են (ԹՂԹ. 183):

341. ՊԱՐՍԿ-ԱՍՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐ

Նեստորականաց քարոզիչները Պերոզի 27-րդ տարիէն, կամ 483-էն սկսելով մուտ գտած էին Պարսկաստան (ԹՂԹ. 43), բայց յորմէհետէ 487-ին պարտաւորուեցան Եդեսիայէ հեռանալ Զենոնի հրամանով` Պարսկաստանի մէջ հաստատուեցան բոլոր անոնց գլխաւորները, Ակակ, Բարծումա, Մանի, Յոհանան, Պաւղէ եւ Միքա (ԹՂԹ. 43), որոնցմէ Բարծումային Հայաստանի մէջ ալ աշխատիլը յիշուած է մերիններէն (ԱՐԾ. 88), իսկ մնացեալները արտաքիններու ծանօթ անուններ են (ՅԱՐ. 73): Այս կերպով Նեստորականաց առջեւ բացուեցան Պարսից իշխանութեան ներքեւ եղող Ասորեստանը կամ Միջագետքը եւ բուն Պարսկաստանը, ուր յաջողեցան ժողովներ ալ գումարել երբեմն ի Գունտշապուհ կամ Բեթլապատ, եւ երբեմն յԱսորեստան կամ Մծբին (ԹՂԹ. 43), եւ շատերուն միտքերը պղտորել: Բաւական հետեւողներ ալ ունեցան ինքզինքնին հաւատարիմ պարսկահպատակներ ձեւացնելով, իսկ Եփեսոսական միաբնակները իբր յունասէր ներկայելով: Այդ վերջինները թէ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական տեսակէտէ տագնապի մատնուած, որչափ ալ իրենց պաշտպանութեան համար փութացին առ թագաւորս ` ցուցանել իրենց ուղղամտութիւնը, սակայն չկարացին վճռական բան մը ձեռք ձգել, եւ պէտք զգացին Պարսից տէրութեան ներքեւ գտնուող քրիստոնէութեան նախապատիւն եւ կարեւորագոյն եղող Հայ եկեղեցւոյն դիմել, եւ անով զօրանալ, եւ այսպէս յառաջ եկաւ պատգամաւորութիւն մը յղելու գաղափարը: Այդ պաշտօնին ընտրուեցան Սամուէլ երէց Մահարձոյ, Շմաւոն երէց Բերթոշմայ կամ Բեթարշամայ, Ախայ երէց Պերոզշապուհի, Մարայ դպիր եւ այլ ընկերներ (ԹՂԹ. 42): Ասոնցմէ երկրորդը Շմաւոն կամ Սիմէոն արտաքին պատմութենէ ալ գովուած ժիր աշխատող մըն է ուղղափառութեան դատին համար (ՅԱՐ. 77): Պատգամաւորութիւնը Հայաստան հասաւ Կաւատի 18-րդ կամ 506 տարին, եւ ներկայացաւ Բաբգէն կաթողիկոսի, երբ արդէն գումարուած էր Հայոց հայրապետութեան Դուինի ժողովը, Վրաց եւ Աղուանից ենթարկեալ կաթողիկոսութեանց եպիսկոպոսներով մէկտեղ: Քանի որ ժողովին գումարման յատուկ նպատակ մը յիշուած չէ, հաւանագոյն կը կարծենք` ազգային պարբերական ժողով մը եղած ըսել, ինչպէս դիտեցինք 339): Պատգամաւորներ իրենց խնդիրը ժողովին ներկայելէ առաջ կանխեցին յայտարարել, ծառայ եմք մեք Կաւատայ արքայից արքայի (ԹՂԹ. 43), որով Նեստորականներուն կողմէ իրենց դէմ եղած քսութիւնը կ՚ուզէին ցրել: Յետոյ Նեստորականներուն սկզբունքները եւ խարդաւանանքները կը պարզեն, եւ իրենց դաւանութիւնը կը բացատրեն, եւ կը կնքեն խօսքերնին Հայերուն պաշտպանութեան դիմելով, Հասաք եւ առ ձեզ վասն նորին վտանգի եւ նեղութեան, գտանել օգնականութիւն (ԹՂԹ. 44): Դուինի ժողովը երկար հետազօտութեանց եւ խորհրդակցութեանց պէտք չունէր ուղիղ դաւանութիւնը որոշելու, եւ Պարսկ-Ասորեստանի քրիստոնէից ցուցնելու: Նեստորի մոլորութեան եւ Եփեսոսի դաւանութեան կէտերը իրենց համար ամրացած եւ արմատացած համոզումներ էին, Սահակի օրէն մնացած հոգեւորական ժառանգութիւն, եւ զայն յայտնեցին անմիջապէս, եւ համարձակապէս հռչակեցին, Զայս հաւատ Հոռոմք, եւ մեք Հայք, եւ Վիրք, եւ Աղուանք ունիմք (ԹՂԹ. 45): Պատգամաւորները պէտք ունէին գրաւոր փաստ մը տանիլ հետերնին, եւ զայն ոչ միայն ուղղադաւան քրիստոնէից ցուցնել իբր ապահովութիւն, այլեւ թագաւորական իշխանութեան ցուցնել իբր պաշտպանութիւն: Սերգիս Բաբգէն անուն մէկ մը, ազգաւ Աբդիշոյեան Խուժիկ, որ կ՚երեւի թէ պատգամաւորութեան աշխարհական գործակատարն էր, բացարձակապէս պահանջած է ժողովէն. Ինձ հաւատոյ նամակ պիտի, եւ հաւատոյ նամակ հաստատ եւ ճշմարիտ եւ անշարժ արարէք (ԹՂԹ. 47): Այդ նպատակով կազմուեցան ժողովական թուղթեր Հայերուն եւ Վրացիներուն եւ Աղուաններուն կողմէն զատ զատ (ԹՂԹ. 51): Հայոց ժողովական գիրը գրուեցաւ հայերէն եւ պարսկերէն, եւ կնքուեցաւ Բաբգէնէ եւ բոլոր եպիսկոպոսներէ, եւ Վարդէ եւ բոլոր նախարարներէ, որպէսզի իբր վաւերագիր ծառայէ (ԹՂԹ. 47): Ժողովական այս գիրն է, որ Բաբգէնի առաջին թուղթ անունով ի լոյս եկած է վերջին ատեններ: Ժողովին տեղւոյն եւ տարիին մասին բացայայտ տեղեկութիւններ կը գտնուին նոյն թուղթին մէջ, որով այլ եւս հնար չէ ընդունիլ թէ Վաղարշապատի մէջ գումարուած ըլլայ (ՉԱՄ. Բ. 225), ինչպէս կը մեկնուէր Նոր Քաղաք (ՅՈՎ. 81), կամ Քաղաքուդաշտ (ԹՂԹ. 220) անունը: Արդէն Հայոց կաթողիկէն եւ հայրապետական աթոռն ալ պաշտօնապէս փոխադրուած էին Դուինի նոր ոստանը 321):

342. ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹԸ

Բաբգէնի առաջին թուղթը Հայոց Եկեղեցւոյ հնագոյն դաւանական գրուածն է, որ ժողովական եւ պաշտօնական կերպարան ալ ունի, ուստի կարեւոր է անոր պարունակութեան մասին քանի մը բացատրութիւններ աւելցնել: Թուղթին հասցէն ուղղուած է ընդհանրապէս, Տէրանց մերոց եւ եղբարց սրբոց հաւատակցաց, որոնց մէջ կը յիշուին Դանիէլ եպիսկոպոս Քարմայ, Մաղքայ եւ Շատայ քորեպիսկոպոսներ, եւ 15-ի չափ երէցներ, սարկաւագներ եւ անապատաւորներ, որոնց անուններուն եւ տեղերուն ճշդութիւնը զտել եւ ստուգել պէտք է գրչագրական աղաւաղմանց պատճառով: Պարսկաստանի զանազան նահանգներու անուններ ալ դրուած, եւ իւրաքանչիւրէն ազատ մարդիկ ալ յիշուած են: Ժողովական եպիսկոպսներու եւ նախարարներու ցուցակը տուինք արդէն 339), պատգամաւորութեան առաջարկներն ալ քաղեցինք 341), եւ նկատողութեան արժանի է, որ այդ դիմումին համար համարձակութիւն առեալ են թագաւորական հրովարտակ զԿաւատայ արքայից արքայի (ԹՂԹ. 43): Երրորդութեան եւ Մարդեղութեան խորհուրդները երկարօրէն բացատրուած են աւետարանի վկայութիւններով, եւ իբր փաստ կրկնուած է միշտ Նիկիոյ ժողովին վճիռը, եւ միայն ի վերջոյ կ՚աւելցուի Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին վկայութիւնն ալ: Եփեսոսի ժողովը յիշուած չէ, որովհետեւ անոր դաւանութիւնն էր որ խնդրոյ առարկայ կը դառնար, եւ ի դէպ էր անկէ դուրս փնտռել անոր ուղղափառութեան փաստերը: Իբրեւ մոլորեալ եւ մոլորեցուցիչ կը յիշուին միայն Դիոդորոս, Թէոդորոս, Նեստոր, Թէոդորետոս, Իբաս, Ակակ, Բարծումա, Մանի եւ Պաւղի (ԹՂԹ. 46), ամէնն ալ յայտնի Նեստորականներ: Իսկ Եւտիքէսի, Լեւոնի, Քաղկեդոնի անունները բնաւ յիշուած չեն, որով բացարձակապէս կը հաստատուի, թէ Բաբգէնի 506-ի ժողովը ոչ առիթ ունեցաւ զբաղելու, ոչ զբաղեցաւ, եւ ոչ ալ կարծիք յայտնեց Քաղկեդոնի ժողովին վրայ: Հետեւաբար հնար չէ ուրիշ կերպով համաձայնիլ Յովհան կաթողիկոսի հետ, թէ Դուինի ժողովականք նզովեալ խոտեցին զժողովն Քաղկեդոնի (ՅՈՎ. 81), բայց եթէ երկու ժողովներ զատելով եւ երկրորդին վերագրելով այդ վերջին որոշումը, ինչ որ կրնայ արդարանալ Բաբգէնի երկրորդ թղթով: Ժողովին ներկայ էին Հայ եւ Վիր եւ Աղուան եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ, սակայն ժողովը Յոյներն ալ կը միացնէ, իր դաւանութեան հետ ըսելով, թէ զայս հաւատ Հոռոմք եւ մեք Հայք եւ Վիրք եւ Աղուանք ունիմք (ԹՂԹ. 45): Եւ լսելով ալ որ Նեստորականներ պարծընցեր են, թէ Հոռոմք եւ Հայք եւ Վիրք եւ Աղուանք զնոյն կանոն եւ զհաւատ ունին ` ինչ որ իրենք կը քարոզեն, ժողովը կը բողոքէ եւ կը կրկնէ, թէ Հոռոմք եւ Հայք, եւ Վիրք, եւ Աղուանք զհայհոյութիւնս զայս ոչ ընկալաք, եւ ոչ ընդունիմք, եւ ոչ հաղորդիմք, եւ ոչ հաւատամք (ԹՂԹ. 46): Դըւնայ ժողովին ամենայն համարձակութեամբ Հոռոմներն ալ իրենց հետ միաձայն հռչակիլը` կը հաստատէ, թէ պարզապէս նեստորական խնդիրին վրայ կը խօսի, քանի որ ուրիշ յիշատակութիւն ալ չկայ թուղթին մէջ: Թերեւս Քաղկեդոնական խնդիրին ակնարկ մը եղած ըլլար, եթէ գոնէ Զենոնի Հենոտիկոնը յիշէին, սակայն այս առաջին թուղթին մէջ ոչ Քաղկեդոնի եւ ոչ ալ Հենոտիկոնի վրայ կը խօսուի, եւ պէտք չէ ժողովին վերագրել կէտ մը, որ անոր միտքէն ալ անցած չէ:

343. ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՂԹԸ

Ինչ որ առաջին թուղթին մէջ չկայ, յայտնապէս կը գտնուի երկրորդ թուղթին մէջ, որուն թուականը յիշուած չէ, բայց հարկաւ օրը օրին կրկնուած չի կրնար ըսուիլ, եւ տարիէ աւելի միջոց պէտք էր անցնէր, որ խնդիրը երկրորդ պատգամաւորութեամբ մը պարզաբանելու հարկ տեսնուէր: Ուստի հաւանական հաշուով հնար է 508-ին գրուած ըսել այս երկրորդ թուղթը: Այս թուղթէն կը քաղենք թէ Նեստորականներ չեն ուզած առաջին գիրին զօրութեամբ լռել, եւ հարկաւ քաղաքական քսութիւններ ալ ըրած են ուղղափառներուն դէմ, եւ նոր փաստ ուզած են քաղել Քաղկեդոնի վարդապետութենէն եւ Լեւոնի տոմարէն, եւ սկսած են աւելի խրոխտալ ի ժողովոյն Քաղկեդոնի զօրացեալ (ԹՂԹ. 48): Այս նոր պարագան կը ստիպէ Պարսկաստանի ուղղափառները նորէն Հայոց Եկեղեցւոյն դիմել պատշաճ լուսաբանութիւնը ստանալու համար: Սիմոն երէց աշխատասէր եւ անձանձրոյթ, որ է նոյնինքն առաջին պատգամաւորութեան Շմաւոն Բերթոշմայ կամ Բեթարշամայ երէցը, երկրորդ անգամ իբր պատգամաւոր կու գայ Դուին, եւ իրաց վիճակը կը յայտնէ Բաբգէն կաթողիկոսին եւ Վարդ մարզպանին, որք կը փութան երկրորդ գրութեամբ մը տալ ուղուած բացատրութիւնները: Թուղթը ժողովի յիշատակութիւն եւ ժողովական ձեւ չունի, սակայն մենք չենք կարծեր որ կաթողիկոս եւ մարզպան առանց ժողովի համարձակած ըլլան իրենց կողմէն որոշակի պատասխան տալ, մանաւանդ որ երկու նոր եւ գլխաւոր կէտեր կը պարունակուին երկրորդ թուղթին մէջ, ինչպէս են Քաղկեդոնի ժողովին նկատմամբ կարծիք յայտնել, եւ ամփոփ հաւատոյ հանգանակ մը առաջարկել, Խոստովանիմք զՀայր սկզբնաւորութեամբ (ԹՂԹ. 50): Իրաւ ժողովական եպիսկոպոսներու եւ նախարարներու անունները չեն յիշուած, սակայն կ՚երեւի թէ միայն կրկնութենէ խուսափելու համար համառօտուած են պահուած պատճէնին մէջ, որովհետեւ սկզբնաւորութիւնները կան, Մերշապուհ եպիսկոպոս Տարոն գաւառի ի Հայս, եւ այլոց եպիսկոպոսաց Հայոց որք ըստ գաւառաց եւ ըստ տանց, իբր թէ ըսէր այլոց եպիսկոպոսաց ըստ սովորական կարգի: Նմանապէս իշխանաց մասին ալ կ՚ըսէ. եւ յիշխանաց, ի Վարդայ Մամիկոնից տեառնէ եւ ի Հայոց մարզպանէ, եւ ի Սահակայ Կամսարականէ, եւ յԱրտաշրէ մաղխազէ եւ յամենայն ազատաց մեծաց եւ փոքունց (ԹՂԹ. 48): Եթէ եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ գործին մասնակից եղած չըլլային, անոնց յիշատակութիւնը պէտք չէր որ ըլլար: Այդ երկրորդ նամակին մէջ նորէն աւետարանի վկայութիւններ կը կրկնուին, համառօտ հանգանակ մը կը տրուի, եւ եկեղեցւոյ վարդապետներ ուղղափառութեան պաշտպանութեան կը կոչուին, եւ յանուանէ կը յիշատակուին, Իգնատիոս, Աթանաս, Բարսեղ, երկու Գրիգորներ, Յուլիոս, Ամբրոսիոս, Յովհաննէս, Ատտիկոս, Թէոփիլոս, Կիւրեղ եւ Պրոկղ, եւ վերջապէս չքնաղ հայր մեր Արիստակէս: Քաղկեդոնի ժողովին մասին ալ կը յիշեն Կիւրեղ Աղեքսանդրիոյ, Անատոլիոս Կոստանդնուպոլսոյ եւ Ամպէզէս Քերսոնի հայրապետներուն վարդապետութիւնները, եւ կ՚աւելցնեն զթուղթն Զենոնի բարեբանեալ թագաւորին Հոռոմոց, որ է Հենոտիկոնը, եւ կը կնքեն. Փախչիմք ուրացեալք զ՚ի Քաղկեդոնին ստութիւն Նեստորի եւ այլոցն նմանից (ԹՂԹ. 49): Անաստասի հրովարտակին խօսքը չկայ, եւ հաւանաբար տեղեկութիւն ալ չունէին տակաւին: Իսկ նզովեալ մոլորեցուցիչներուն կարգին յիշուած են Նեստոր, Արիոս, Թէոդորոս, Դիոդորոս, Թէոդորետոս, Եւտիքոս, Պօղոս Սամոստացի, Իբաս, Ակակ, Բարծումա եւ Բաբէ (ԹՂԹ. 50): Այդ անուններուն մէջ նկատողութեան արժանի է Եւտիքէսի անունը, որով Հայոց Եկեղեցին, այն առաջին վայրկեանին յորում Քաղկեդոնը չ՚ընդունիր իբրեւ Նեստորի նպաստաւոր, միանգամայն Եւտիքէսն ալ կը մերժէ իբր բնութեանց խառնակիչ, որով կը հաստատուի թէ բնաւ մեր Եկեղեցին Եւտիքէսի համախոհ չգտնուեցաւ, եւ միաբնակ վարդապետութիւնը իմացաւ միշտ Կիւրեղեան եւ Եփեսոսական դրութեան համեմատ, եւ ոչ երբեք Եւտիքէսին մոլորութեան տեսակէտէն: Իսկ Բաբէ, որ այս ցուցակին մէջ կ՚երեւի, է նոյն ինքն, որ առաջին նամակին մէջ յիշուած էր, Բաբէ ` Ասորեստան կաթողիկոս (ԹՂԹ. 45), որ վերջին տարիները մեռած էր, եւ իբր հեղինակութիւն կը պատուուէր Նեստորականներէն: Շատեր Բաբէի մահը կը դնեն 502-ին, իսկ ընտրութիւնը 497-ին:

344. ՎԱՐԴ ՄԱՐԶՊԱՆ

Բաբգէնի ժողովական թուղթերը հարկաւ ազդեցութիւն ունեցան, որովհետեւ Պարսից արքունիքը հաւանեցաւ ուղղափառ դաւանութեան հետեւողներուն վրայէն Նեստորականներուն ներշնչած կասկածը հեռացնել, տեսնելով որ ամբողջ Հայաստան ալ նոյն հաւատքին կը հետեւի: Ասորի պատմիչը կ՚ըսէ, թէ այդ վաւերագիրները Շմաւոն Բեթարշամացիի կողմէ Կաւատ թագաւորին ներկայացուեցան, եւ նա նոյն գիրերը հաստատեց արքայական կնիքով (ՅԱՐ. 27): Այս կը ցուցնէ թէ Հայ Եկեղեցին հեղինակաւոր դիրք ունէր Արեւելեան քրիստոնէութեան մէջ, եւ իրեն դրացի եկեղեցիները, Վրացին ու Աղուանը հիւսիսէն, Ասորին ու Պարսիկը հարաւէն, իրենց հաւատոյ կանոնը եւ պետական պաշտպանութիւնը կը ստանային Հայոց հովանաւորութեամբ: Պետական վստահութեան նշան էր նաեւ որ Վահանի մահուընէն ետքը, անոր կրտսեր եղբայրը Վարդ, առանց այլեւայլութեան Հայաստանի մարզպան կ՚անուանուէր: Վահանի մահը ըսինք 337) թէ 505-է անդին յետաձգել հնար չէ, եւ որոշ փաստ չկայ 503-ին դնելու (ԱՍԼ. 255), եւ եթէ պարզ բառերու ալ նշանակութիւն մը տալ արժան է, առաջին թուղթին մէջ Վարդի մարզպանութեան անուն չտրուիլը, կրնանք մեկնել թէ Վահան այնինչ մեռած էր, եւ Վարդ տակաւին փոխանորդութիւն կը վարէր առանց պաշտօնական հրովարտակը ստացած ըլլալու, ինչ որ քիչ ետքը առած պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկրորդ թուղթին մէջ Հայոց մարզպան կոչուած է յայտնապէս: Այդ անուանումը պէտք է ուրեմն դնել Բաբգէնի օրով, եւ ոչ Սամուէլի ատենը, ինչպէս կը կարծէ Պատմաբանը (ՅՈՎ. 82): Վարդի գործունէութենէն բնաւ յիշատակ չունինք, եւ եթէ Բաբգէնի թուղթերուն մէջ յիշուած չըլլար, հազիւ թէ իր վրայ տեղեկութիւն պիտի ունենայինք: Պատմաբանը բնաւ իսկ պաշտօնին տեւողութիւնը չի յիշեր (ՅՈՎ. 82), Սեբէոս սակաւ ինչ ժամանակ կու տայ անոր մարզպանութեան (ՍԵԲ. 47), զոր Ասողիկ ամս չորս (ԱՍՈ. 83) եւ Անեցին ամս երիս (ՍԱՄ. 74) միայն կը դնէ, սակայն այս վերջինը 538-541 թուականը կը նշանակէ, զոր պաշտպանել անհնար է: Վարդան ալ ամս չորս (ՎԱՐ. 57) եւ Կիրակոս ամս երիս (ԿԻՐ. 23) կու տան նման միւսներուն, եւ հաւանաբար չորսի եւ երեքի տարբերութիւնը, պարզապէս Դ եւ Գ թուատառերու շփոթութեան պիտի վերագրուի: Մենք, առանց ձեռուընիս ուրիշ փաստ մը ունենալու, պիտի չկարենանք խախտել Վարդի մարզպանութեան կարճատեւութիւնը, որուն մասին համամիտ են ամէն յիշատակագիրներ: Իսկ Վարդին մարզպանութեան վերջանալուն նկատմամբ` Չամչեան կը գրէ, թէ Հայ նախարարներէ ամբաստանուեցաւ եւ Կաւատի հրամանով պաշտօնէն զրկուեցաւ, սակայն լուսանցքի մէջ յիշուած հինգ պատմիչներէն (ՉԱՄ. Բ. 236) եւ ոչ մէկը այդպիսի ակնարկ մը ունի, եւ պարզապէս Վարդի տեղ պարսիկի մը մարզպան անուանուելէն հանուած ենթադրական մակաբերութիւն պիտի ըսուի: Նոյնպէս ենթադրական կը կարծենք Վարդը պաշտօնազուրկ եղած ըսել Յունաց հետ բարեկամութեան կասկածի վրայ (ԱՍԼ. 255): Ըստ մեզ ոչինչ չ՚արգելուր կարծել, թէ Վարդի ալ տարիքը լեցուած էր, Վահանէ շատ տարբերութիւն չունենալուն, ուստի մահը չուշացաւ, եւ մարզպանութիւնն ալ պարսիկի տրուեցաւ, որովհետեւ հայ նախարարներու մէջ իր վրայ մտադրութիւն հրաւիրող մէկ մը չգտնուեցաւ: Ըստ այսմ 510-ի ատենները Վարդի մարզպանութիւնը վերջացած, եւ Բուրղան պարսիկը անոր տեղ անցած պիտի նշանակենք: Կաւատի Յունաց դէմ պատերազմի սկսիլը կը դրուի 502-ին, եւ 503-ին Ամիդի առումը, եւ 506-ին Անաստաս կայսեր հետ հաշտութիւնը: Մենք տեսանք որ Բաբգէնի թուղթերուն համաձայն, մինչեւ 508, Վարդ մարզպանութիւն կը վարէր, հետեւաբար յունապարսիկ պատերազմները չեն կրցած հայապարսիկ յարաբերութեանց վրայ ազդեցութիւն ունենալ:

345. ԲԱԲԳԷՆԻ ՄԱՀԸ

Բաբգէնի դառնալով, միջոց մըն ալ Բուրղանի ներքեւ պաշտօն վարած ըլլալը պիտի ընդունինք, մինչեւ 516, համաձայն մեր կազմած ժամանակագրութեան 331), իսկ գործունէութեանը եւ մահուանը վրայ ուրիշ մանրամասնութիւն պիտի չկարենանք տալ, պատմագիրներէն բան մը աւանդուած չըլլալով: Բաբգէնի անձնաւորութեան եւ բնաւորութեան մասին շատ նպաստաւոր չխօսեցանք սկիզբէն, հիմնուելով Փարպեցիին գանգատներուն, եւ աննպաստ ակնարկներուն վրայ: Սակայն պատմութեանց մէջ անսովոր չէ տեսնել այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք փառասիրութենէ մղուած, նպատակներնուն հասնելու համար միջոցներու խտրութիւն չեն ըներ, բայց դիտումնին ձեռք ձգելէ ետքը պաշտօնին պարտքերը եւ պահանջները խղճմտութեամբ կը լրացնեն: Այսպիսի նկարագիր մը կը տեսնուի Բաբգէնի վրայ ալ, որ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան եւ անոր անկախ տեւականութեան համար հիմնական որոշման հեղինակը հանդիսացաւ, խզելով միանգամընդմիշտ յունական խծբծանքներու յարաբերութիւնը, եւ բացորոշակի մերժելով Քաղկեդոնի ժողովով ստեղծուած դրութիւնը: Պատմական յիշատակներու նուազութիւնը չի ներեր մեզ մանրամասնօրէն հետազննել Հայոց կաթողիկոսին եւ Հայ եպիսկոպոսութեան մտաւորական աշխատութիւնը, երբոր համարձակ յայտարարեցին, Փախչիմք ուրացեալ զ՚ի Քաղկեդոնին ստութիւն Նեստորի: Ըստ երեւոյթին միմիայն նեստորականութեան կերպարանն էր, որ Հայերը կը խրտչեցնէր, եւ ամենադոյզն նմանութիւնն ալ բաւական կ՚ըլլար զիրենք գայթակղեցնել, եւ բառերու եւ դարձուածներու պատիպատ շփոթութիւններուն ետեւը տեսնել ծածկուած միտքը, եւ Քաղկեդոնի վարդապետութեան մասին հռչակել, թէ գիտեմք կեղծաւորութեամբ փախուցեալ ի հեթանոսութենէ եւ ի հրէական մոլորութենէ(ԹՂԹ. 49), որովհետեւ լոկ մարդ կը ցուցնէին մարդկութեան Փրկիչը, բաժնելով Քրիստոսի անբաժան միութիւնը: Սակայն Բաբգէնի եւ ժողովականներուն համար անծանօթ չէր, որ տակաւին Հռոմ եւ Բիւզանդիա կը վիճէին նոյն ժողովին ամբողջութեան վրայ, Աղեքսանդրիա եւ Անտիոք բացէբաց կը մերժէին անոր հեղինակութիւնը, Բասիլիսկոսի եւ Զենոնի եւ Անաստասի կայսերական հրովարտակները կ՚արգիլէին անոր ընդունելութիւնը: Աթոռներու հակընդդէմ մրցմանց խաղ մըն էր քրիստոնէաբանական խնդիրին ներքեւ ծածկուած իսկութիւնը, եւ վերջապէս ոմանց պաշտպանած քաղկեդոնեան ժողովը, ոչ թէ հաւատոյ կէտ մը վճռած էր, իբրեւ սահման հաւատոյ, այլ Եփեսոսի մէջ վճռուած Մարդեղութեան խորհրդոյն կերպը կը դիտէր բացատրել, երբ իրօք զայն կը խախտէր, եւ դպրոցական ուսումնասիրութեանց նիւթերուն մէջ կը մտնէր: Բաբգէնով տրուած ժողովական որոշումը դարագլուխ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ ինքնութեան, եւ անոր տեւողականութեան անկեան քարը դարձաւ, դարուց ի դարս անոր գոյութիւնը պաշտպանելով: Ոմանց տեսութեամբ Հայոց եկեղեցական կղզիացումը, իրեն վնասակար եղած է, իբր պատճառ անպաշտպան միայնութեան եւ անջատեալ տկարութեան: Սակայն այդ հետեւանքէն աւելի ստոյգ է եւ ստոյգ պիտի մնայ, թէ պատճառ եղաւ ազգային սեփական եւ տեւողական եւ անկորուստ պահպանութեան: Միւս կողմէն երբեք հնար չէ Հայոց Եկեղեցին անջատեալ կամ բաժանեալ, կամ ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն, հերձեալ անուանել, քանի որ նա երբեք իր գլխուն դրութիւն մը ստեղծելով չհեռացաւ: Եկեղեցին մի էր եւ մի կը մնար ընդհանուր միութեամբ երեք ժողովներու հիման վրայ: Հայ Եկեղեցին մինչեւ ցայսօր նոյն դրութիւնը կը պահէ եւ կը պաշտպանէ: Միւս եկեղեցիներն են, որ նոր ժողովներով` դրութիւններ եւ դաւանութիւններ ստեղծեցին, եւ նախկին միութեան հիմը այլայլեցին: Յոյն որթոտոքսներ մինչեւ եօթներորդ ժողով յառաջեցին, Լատին կաթոլիկներ մինչեւ քսաներորդ ժողով հասան, նորանոր դաւանութիւններ աւելցնելով եւ բարդելով: Բաժանեալ կ՚ըսուի նա` որ նոր դրութեամբ նորութիւն կը ստեղծէ, եւ ոչ նա` որ դրութեան պաշտպանութեամբ անփոփոխ կը մնայ: Այս է Հայ Եկեղեցւոյ կացութիւնը, եւ այդ դրութեան կապուած է Բաբգէն հայրապետի անունը:

346. ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՆՇԽԱՐՔԸ

Ժամանակակից դէպքերէն յիշատակութեան արժանի կը սեպենք Գրիգորիսի Աղուանից կաթողիկոսի եւ Լուսաւորչի թոռին նշխարքներուն յայտնուիլը, որուն նահատակութիւնը պատմած ենք իր կարգին 96): Մեր Եկեղեցին յատուկ տօնական յիշատակ մը նուիրած է այդ յայտնութեան (ՏՕՆ. 241), եւ հարկ է որ պարագաներն ալ ծանօթացնենք: Աղուանից ապաշխարող թագաւոր Վաչէէ 285)ետքը, նորէն հալածանք եւ նեղութիւն պատեցին Աղուանից երկիրը, այնպէս որ Վաչագան ալ` Վաչէի որդին, կեղծուրացութեան կը պարտաւորուէր (ԿԱՂ. Ա. 132), նման մեր Վահանին, եւ զերեսուն ամ անտէրունջ կը մնար երկիրը, առանց իր ազգէն եւ իր հաւատքէն գլուխ ունենալու (ԿԱՂ. Ա. 131): Երբ Վաղարշի թագաւորութեան սկիզբը 313) կրօնքի ազատութիւն տրուեցաւ, Աղուանք ալ օգտուեցան նոյն օրէնքէն, եւ Վաչագան, Վաչէի եղբօրորդին, քրիստոնէութեան դառնալով, Աղուանից թագաւոր եղաւ, 485-ին կամ քիչ ետքը, եւ ամէն կերպով աշխատեցաւ քրիստոնէութիւնը վերանորոգել եւ պայծառացնել իր երկրին մէջ, իրեն օգնական ունենալով Շուփհաղիշէ կաթողիկոսը (ԿԻՐ. 98): Վաչագանի մեծ բաղձանքներէն մին եղաւ Աղուանից նախկին առաքելաշաւիղ հայրապետներուն նշխարքները գտնել, եւ անոնց փառաւորութեամբ քրիստոնէութիւնը զօրացնել: Արդէն Մանդակունիէն խնդրած էր Հայոց լուսաւորիչներուն Գրիգորի եւ Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի մասունքները, եւ նա ալ յղած էր Դարահոճեցի Մատթէոս երէցի ձեռօք (ԿԱՂ. Ա. 158): Ցռի գիւղացի Յակոբ երէցի մըն ալ տեսիլքով, եւ տանուտէր Խոճկորիկ նախարարին ձեռքով նոյն գիւղին մէջ յայտնուած էին Յովհաննէս Մկրտիչի հօր Զաքարիայի եւ Պանդալէոն բժիշկի նշխարքներէ մասունքներ, զորս Գրիգորիս ժամանակին բերած եւ անդ պահած կ՚ըսուէր (ԿԱՂ. Ա. 151): Վաչագան մեծահանդէս թափօրով եւ հանդէսներ կազմելով, եւ այս նշխարքներն ալ մէկտեղ տանելով Ամարաս գնաց, ուր ժամանակին թաղուած էր Գրիգորիս հայրապետը 98): Շատ արարողութիւններէ եւ աղօթքներէ ետքը, նոյնինքն Վաչագանի, եւ Յովէլ սարկաւագի եւ Յովէլ երէցի մը տեսիլքներով, Ամարասի մօտ Քարուէծ գիւղի գերեզմաններուն մէջ կը յաջողէին որոշել Գրիգորիսի գերեզմանը, ուսկից անուշահոտ բուրում մը կը հաստատէր սուրբին ոսկորներուն ստուգութիւնը (ԿԱՂ. Ա. 156-179): Միեւնոյն ժամանակին տեղի ունեցաւ Եղիշէ առաքելոյն ոսկորներուն ալ յայտնուիլը, որոնք պիտի գտնուէին Զերգունի դաշտը գուբի մը մէջ 16): Վաչագան զգուշութեամբ հանել տուաւ այնտեղ գտնուող ոսկորները, բայց շատ էին եւ հանեալ կուտեցին շեղջս շեղջս, եւ աղօթքի դիմեցին սուրբին ոսկորները ճանչնալու համար: Ասոր վրայ ել հողմ ուժգնակի, բոլոր շեղջակուտեալ ոսկորները ցրուեց, եւ միայն փոքրիկ մաս մը մնաց անշարժ, որոնք սորբին ոսկորները ճանչցուեցան եւ պատուով զետեղուեցան (ԿԻՐ. 97), իսկ գլուխը Ուռեկան գիւղը տարուեցաւ Ստեփանոս քահանայի ձեռքով (ԿԱՂ. Ա. 96): Գրիգորիսի նշխարաց յայտնութիւնը մերձաւորաբար կը դրուի 489-ին, բայց որոշակի ճշդել դիւրին չէ. ամէն առթի մէջ Բաբգէնի առաջին տարիներուն մէջ պէտք է նշանակել:

347. ՎԱՉԱԳԱՆԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Ըստ այսմ միեւնոյն Վաչագան թագաւորի եւ Շուփհաղիշէ կաթողիկոսի օրերուն կ՚իյնայ Աղուանից մասնակցութիւնը Դուինի ժողովին, եւ անոր դաւանական որոշումներուն, ինչպէս յառաջ բերինք 342): Վաչագան թագաւոր, երբոր բարեպաշտական ձեռնարկներու ոյժ կու տար, ներքին եւ եկեղեցական բարեկարգութեանց ալ հետամուտ էր, ինչ որ կը հաստատուի Աղուէնի ժողովին գումարումովը եւ կանոններովը: Ժողովին ներկայ են, Շուփհաղիշէ արքեպիսկոպոս Պարտաւի կամ կաթողիկոս Աղուանից, երկու եպիսկոպոսներ Մանասէ Կապազւոյ եւ Յունան Հաշուայ, երեք քորեպիսկոպոսներ Անանիա եւ Սահակ Եւուտոյ եւ Շմաւոն Ցռայ, եւ երէցներ, Յովսէփ Կաղանկայտուքի, Մատթէոս Պարտաւի, Թոմա դրան թագաւորին, Պօղոս Գեդաճի, Մատթէոս Դարահոճի, Աբիկաղ Բեդայ, Ուրբաթ Պրմանուշայ, եւ Յովէլ, եւ Պարմիտէ, եւ Յակոբ: Աշխարհականներէն ներկայ էին Վաչագան թագաւոր, Միրհորիկ հազարապետ, Բակուր Կաղանկայտուքի եւ Վարդան Գարդմանի նախարարներ, իսկ Աղուանից տանուտէրներէն Մարուի, Տիրազդ, Սպարակոս, Ղամա, Ռատան, Արշէս, Խուրս, Բերմուսան, Խասկէն, Փիւրոգի, եւ ուրիշներ: Այդ յիշատակութիւնը յառաջ բերինք Աղուանից եկեղեցւոյն կազմակերպութեան վրայ գաղափար մը տալու, եւ աշխարհականաց գործակցութիւնը ցուցնելու համար: Կանոնները 22 հատ են (ԿԱՂ. Ա. 184-189), եւ կը խօսին եկեղեցականաց հասոյթներու, եկեղեցականաց ամբաստանութեան, եպիսկոպոսաց իրաւունքներու, եւ պահք ու Կիրակի պահելու վրայ: Նկատողութեան արժանի կը սեպենք Ժ. կանոնը, Այր զերրորդ ազգի կին մի՚ արասցէ, եւ զեղբօր կին մի ' արասցէ, որով ազգակցութեան եւ խնամութեան արգելեալ աստիճանները շատ նեղ գիծի մէջ կ՚ամփոփուին, եւ ըստ ամենայնի կը համաձայնին այն բացատրութեանց զորս մենք արդէն տուինք Շահապիվանի կանոններուն վրայ 230): Յաջորդ ԺԱ. կանոնն ալ կ՚ըսէ, Եւ որ զկին թողու առանց պատճառանաց, եւ առանց պսակի կին առնէ, զայնպիսին կապեալ ի դուռն արքունի տացեն, որով կնաթողութիւնը եւ ապօրէն կենակցութիւնը արտաքին դատարանի կ՚ենթարկուին: Առանց պատճառանաց բացատրութիւնը, թէպէտ անորոշ, հարկաւ չի կրնար անձնական դատողութենէ կախում ունեցող պատճառանքի վրայ մեկնուիլ, քանի որ ամէն առթի մէջ կրնան այսպիսի պատճառանքներ ստեղծուիլ: Հետեւաբար մենք այդ կանոնի մէջ լռելեայն ենթադրուած կը տեսնենք, եկեղեցական ատեանի քննութեամբ եւ որոշմամբ կատարուած ամուսնալուծութեան դրութիւնը: