Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԱՄՈՒԷԼ Ա. ԱՐԾԿԵՑԻ

348. ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աւելորդ չըլլայ կրկնել, թէ Զ. դարուն ազգային պատմութիւնը շատ աղքատ կերպով կը ներկայանայ մեր պատմագիրներուն պակասութեամբը` եւ արտաքիններուն Հայոց մասին լռութեամբը: Սամուէլ ամենուն կողմէ կը նշանակուի իբր Բաբգէնի անմիջական յաջորդ, եւ Բզնունեաց Արծկէ, այժմ Ալճաւազ, քաղաքէն ըլլալէն աւելի բան մը զրուցուած չէ իր վրայ: Մենք դիտելով որ Արծկէ կամ Բզնունիք կեդրոնն էր Աղբիանոսեանց կամ Մանազկերտացեաց ազգատոհմին, ուսկից էր եւ Սուրմակ 211), եւ թէ Դուինի ժողովին մէջ կը յիշուի Բզնունեաց եպիսկոպոս Սամուէլ մը 339), վստահօրէն կը հետեւցնենք թէ Սամուէլ կաթողիկոս միեւնոյնն է, իր հայրենական գաւառին եպիսկոպոսութիւնը վարող, եւ Մանազկերտացեաց ազգատոհմին սերունդ, որուն պատկանած են Աղբիանոս, եւ Շահակ, Զաւէն, Աստուրակէս, Սուրմակ, Մելիտէ ու Մովսէս կաթողիկոսներ: Եկեղեցական տեսակէտէն ոչ մի գործունէութեան առիթ չելաւ Սամուէլի հանդէպ, եւ կրցաւ իր ժամանակը անցնել հանդարտութեամբ, երկրին եւ եկեղեցւոյն սովորական պէտքերը հոգալով (55): Իր ընտրութեան թուականը որոշելու ամենէն ստոյգ հաշիւ նկատած ենք արդէն Աղբաթանեցիին թուականէն դէպի ետեւ հաշուելով` հաստատել 516-ին 331), իսկ տեւողութիւնը ընդհանուր կերպով 10 տարի ըսուած է: Թէպէտ կան քանի մը ցուցակներ որոնք 5 տարի կու տան, սակայն 10 տարի նշանակողներ թէ բազմաթիւ են եւ թէ հնագոյն (ՅՈՎ. 82), եւ անոնց կը հետեւի ընդհանրապէս ընդունուած ժամանակագրութիւնը: Ըստ այսմ Սամուէլի մահը պէտք կը լինի դնել 526-ին:

349. ՄԺԷԺ ՄԱՐԶՊԱՆ

Քաղաքական կացութեան մասին ալ շատ գրելիք չենք գտներ: Պարսիկ մարզպան ունենալու վրայ, Կաւատի գրած վստահութիւնը չարդարացաւ, գլխաւորապէս երկրին զինուորական պաշտպանութեան կողմէն, որ պետական շահերու գլխաւորն էր: Բուրղան ինքն ալ, որ իբր անպիտան եւ անարի կը ներկայացուի (ՉԱՄ. Բ. 236), չկրցաւ արդիւնք մը ցուցնել, երբ 515-ին Հոները Կովկասի շղթան անցնելով յարձակեցան Պարսկական գաւառներու վրայ, առանց զօրաւոր դիմադրութիւն գտնելու (ԼՊԱ. 496): Բայց երբ հասան հարաւային Հայաստանի լեռնական գաւառները, Խոյթի եւ Սասունի կողմերը, Մժէժ Գնունի տեղացի գունդերու գլուխը անցած, կարող եղաւ ասպատակին դէմ ելնել, եւ ոչ միայն անոնց յառաջացումը արգելուլ, այլեւ կորակոր ետ մղել եւ երկրին ապահովութիւնը պաշտպանել: Այդ պարագան յորդորեց Կաւատը նորէն Հայու յանձնելու Հայոց մարզպանութիւնը: Բուրղան ետ կանչուեցաւ, եւ Մժէժ Գնունի անոր յաջորդեց, հաւանաբար 517-ին(ՉԱՄ. Բ. 237): Ամէն առթի մէջ Բուրղանի տրուած չորս տարիները (ԿԻՐ. 23) քիչ մը երկարելու պէտք կը զգացուի, Վարդի եւ Մժէժի միջեւ եղած միջոցը լրացնելու համար: Սամուէլ բախտաւոր եղաւ Հայ մարզպանի հետ գործ ունենալով, որով եկեղեցական գործերը կը դիւրանային: Սակայն միւս կողմէն ընդհանուր խաղաղութիւնը խանգարեցաւ, երբ 518-ին Յուստինոս Ա. յաջորդեց Անաստաս կայսեր, սկսաւ թշնամութիւններ յուզել Պարսից դէմ, ուզելով Կողքիսի եւ Վրաստանի կողմերը ընդարձակել իր ազդեցութիւնը: Միջագետքէն ալ պատերազմ բացաւ Պելիսարիոսի հրամանատարութեամբ: Թէպէտ մեծ ճակատամարտեր տեղի ունեցան, բայց Հայաստան ուղղակի պատերազմի ասպարէզ չէր: Ինչ ալ ըլլար, չէր կրնար չզգալ երկու պետութեանց մէջ մղուած հակառակութեանց ձախող հետեւանքները: Հաշտութեան բանակցութիւններ սկսան 515 ին, սակայն անոնց վերջը չկրցաւ տեսնել Սամուէլ: Բանակցութիւններն ալ ելք չունեցան, վասնզի 527-ին Յուստինոս վախճանեցաւ եւ Յուստինիանոս յաջորդեց:

350. ՅՈՒԼԻԱՆԵԱՆՔ ԵՒ ՍԵՒԵՐԵԱՆՔ

Սամուէլի օրով նոր դաւանական խնդիրներ յուզուեցան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, եւ նոյն իսկ միաբնակ դաւանութեան մէջ բաժանում պատճառեցին: Հակաքաղկեդոնիկ դրութեան զօրաւոր պաշտպաններէն մէկն էր Յուլիանոս եպիսկոպոս Հալիկառնասի, որ է այժմեան Պօտուրումը, եւ Անաստասի օրով ազդեցիկ դիրք կը գրաւէր: Սեւերոս Սոզոպոլսեցին ալ, զանազան աղանդներու ծառայելէն ետքը, հակաքաղկեդոնական դրութեան ջատագով եղաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, եւ Անաստասի համակրութեան արժանանալով Անտիոքի պատրիարք անուանուեցաւ 512-ին: Երկուքն ալ աչքառու դիրք ունենալնուն, առաջին աքսորուողներէն եղան, երբ Յուստինիանոս 518-ին Քաղկեդոնի ժողովին պաշտպանութիւնը ձեռք առաւ, եւ անոր հակառակորդները հալածեց: Երկու աքսորեալներ միանգամայն գտնուեցան Աղեքսանդրիա, եւ թէպէտ կացութեամբ բախտակից եւ վարդապետութեամբ դաւանակից, իրարմէ զատուեցան Քրիստոսի մարմինին բնական վիճակը ճշդելու մէջ: Յուլիանոսի կարծիքով Քրիստոսի մարմինը, որչափ ալ բուն մարդկային մարմին էր, բայց ի հարկէ չէր ենթարկուեր բոլոր մարմնական կարիքներու եւ կիրքերու, ինչպէս են քաղց ու ծարաւ, քուն ու յոգնութիւն, քրտինք ու արցունք, այլ այդ ամէնը կը կրէր ի կամաց: Սեւերոս ընդհակառակն կը կարծէր թէ Քրիստոս ամէն մարմնական կարիք ու կիրք կը կրէր ի հարկէ, ըստ ամենայնի հաւասար ամէն մարդ անհատի, առանց որոյ իսկապէս մարդացեալ չէր ըլլար: Վիճուած տարբերութիւնը իրեն հիմը կ՚ունենար Քրիստոսի մարմինին ապականացու ըլլալուն կամ չըլլալուն վրայ, որովհետեւ բոլոր մարմնոյ կարիքներ` կերպով մը մարմնոյ ապականութեան կը վերածուին, եւ այս տեսակէտէն ապականացու կամ ապականելի բառը, իբրեւ որոշիչ բառ ընդունուեցաւ, եւ Յուլիանեանք կոչուեցան Անապականական, ինչպէս Սեւերեանք` Ապականական ըսուեցան: Խնդիրը հետզհետէ ճիւղաւորուեցաւ, եւ շատեր պզտիկ տարբերութիւններ դնելով իրենց բացատրութեանց մէջ տասնէ աւելի դրութեանց եւ վարդապետութեանց անուններ ստեղծեցին: Խնդիրը ծայրայեղութեան տանողներ, Յուլիանոսի անապականելիութիւնը մինչեւ երեւութականութեան տարին, ըսելով թէ լոկ առերեւոյթ եւ ոչ իրական էր Քրիստոսի կրածը: Իսկ Սեւերեանք ապականելիութիւնը մինչեւ աստուածաչարչարութեան հասցուցին, պնդելով թէ աստուածային բնութիւնն ալ չարչարելի դարձաւ բնութեանց միաւորութեամբ: Երկու դրութիւններն ալ Ասորւոց մէջ ընդարձակ տարածում ունեցան, Յուլիանեանը իբր աւելի մերձաւոր միաբնակ ուղիղ վարդապետութեան, եւ Սեւերեանը իբր աւելի ընտանի Անտիոքի եկեղեցւոյն: Հետեւաբար երկու դրութեանց վէճերն ալ զօրացան, բայց Սամուէլի օրով անոնց արձագանգը Հայերուն չհասաւ, եւ խնդիրի նիւթ չեղաւ, ինչ որ ճշմարտուեցաւ աւելի անագան: Ըստ այսմ ոչ միայն Նեստորական եւ Քաղկեդոնական, այլեւ Յուլիանեան եւ Սեւերեան խնդիրներով ալ պարտաւորուեցան զբաղիլ Հայոց հայրապետները: