Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՆԵՐՍԷՍ Բ. ԲԱԳՐԵՒԱՆԴԱՑԻ

359. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Պատմութիւնը քիչ մը ճոխութիւն կը սկսի ստանալ Ներսէսի օրով, եւ ինչ ինչ գրուածներ լոյս կ՚ընծայեն ժամանակին եղելութեանց վրայ: Ներսէսի ծննդավայրն է Բագրեւանդ, այժմ Ալաշկերտ գաւառի Աշտարակք գիւղը (ՅՈՎ. 83), որով ոմանք Աշտարակեցի անունով ալ մականուանած են զինքը, այլ մենք զայն չենք գործածեր, որովհետեւ Աշտարակեցի մակդիր անունը վերջերս սեփականուեցաւ Ներսէս Ե. կաթողիկոսին, եւ օգտակար է անուններու շփոթութենէ զգուշանալ: Ներսէսի կաթողիկոսութեան տարիները 9 նշանակուած են ամէն պատմագիրներէ եւ գաւազանագիրներէ, այնպիսի ստուար մեծամասնութեամբ, որ մէկու մը 20 եւ ուրիշ մէկու մը 5 տարի տալը, բացարձակապէս գրչագիրներու սխալանք պէտք է ճանչցուին: Համաձայն այդ հաշուոյն, Ներսէսի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը պէտք է դնել 548-է 557 տարիներու մէջ: Բոլոր միջոցին կը շարունակեն Խոսրովի թագաւորութիւնը եւ Յուստինիանոսի կայսրութիւնը, միայն Մժէժ Գնունի մարզպանը կը վախճանի 548-ին, Ներսէսի ընտրութենէն քիչ առաջ կամ քիչ ետքը, 30 տարի (ԱՍՈ. 83), եւ թերեւս ալ աւելի (ՍԱՄ. 74), պաշտօն վարելէ ետքը, որուն շնորհիւ եկեղեցին հանդարտ կացութիւն մը վայելեց, եւ երկիրն ալ հնարաւորութեան չափին մէջ բարօրութիւն տեսաւ: Որչափ ալ արտաքին պատերազմներ եւ ներքին դժուարութիւններ պակաս չեղան, Մժէժ գիտցաւ խոհական քաղաքականութեամբ վատ հետեւանքներու սաստկութիւնը արգիլել, եւ Կաւատի ու Խոսրովի վստահութիւնը գրաւելով, կասկածոտ իշխանութեան դժնդակ ընթացքը չափաւորել: Ներսէս իր կաթողիկոսութեան սկիզբէն չգտաւ իր նախորդներուն վայելած հովանաւորութիւնը, եւ իրեն դիմաց սկսաւ տեսնել Պարսիկ մարզպաններ, մէկ կողմէն կրակապաշտ մոլեռանդութեամբ լեցուն, եւ միւս կողմէն ամէն կերպով անձնական օգտին հետամուտ: Առաջին եկող Պարսիկը եղաւ Դենշապուհ Նիխորական, որ անմիջապէս ձեռնարկեց Դուինի մէջ պաշտօնապէս պահուած կրակատունէն զատ, ուրիշներ ալ հաստատել գլխաւոր տեղերը, որոնց մէջ առանձինն յիշուած է Ռշտունեաց Ոստանը: Միանգամայն կը ջանայ Հայերուն մէջ ալ տարածել կրակապաշտութիւնը, ըստ պարագայից գործածելով հրապոյրն ու ողոքանքը, բռնադատութիւնն ու սպառնալիքը, մինչեւ իսկ կը յիշուի թէ բազումք մեռան այս պատճառով (ԱՍՈ. 85): Դենշապուհի այդ ընթացքը հակառակ էր այն պայմաններուն որ կանուխ, Վաղարշ թագաւորի եւ Վահան Մամիկոնեանի միջեւ հաստատուած էին 314), եւ Ներսէս կաթողիկոս պատշաճ կերպով զայն զգացուց Խոսրով թագաւորին, որ նորանոր յուզումներու առջեւն առնելու համար, հաւանեցաւ Դենշապուհը ետ կոչել, 4 տարի մարզպանութենէ ետքը, եւ 552-ին անոր տեղ եկաւ Վշնաս Վահրամ պարսիկ նախարարը, լաւագոյն տրամադրութիւններով անձ մը, յատկապէս հրահանգ ունենալով Հայերու քրիստոնէութիւնը յարգել, կրօնափոխութեան չստիպել, եւ կրօնափոխ եղածներուն քրիստոնէութեան վերադառնալնին չարգիլել: Սակայն այդ ազատութիւնը Հայերուն համար էր միայն, իսկ բուն կրակապաշտ Պարսիկներուն քրիստոնէութեան դառնալը արգիլուած կը մնար մոգական օրէնքով:

360. ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԴԻՄՈՒՄԸ

Հայոց եւ Ասորւոց յարաբերութիւնները յիշեցինք Բաբգէնի եւ Քրիստափորի օրով, եւ պէտք չէ կարծել թէ անկէ ետքը այդ յարաբերութիւնները խզուած ըլլան: Մեզի ալ հաւանական կ՚երեւի ընդունիլ, թէ Քրիստափորէ ձեռնադրուած Մար-Մաթայի մետրապոլիտ Գարմայի 357) յաջորդները, Մարի, Իշոգեկա, Մար-Սահդա, Սիմէոն եւ Քրիստափոր, ոչ թէ իրարմէ ձեռնադրուելով շարունակեցին, ինչպէս ասորի պատմիչը կը կարծէ (ՅԱՐ. 128), այլ Հայոց կաթողիկոսներէն ընդունեցան շարունակաբար իրենց ձեռնադրութիւնը (ՅԱՐ. 131): Բայց այդ միջոցին ընդարձակ պառակտում մը տեղի ունեցած էր Ասորւոց մէջ, ապականութեան եւ անապականութեան խնդիրին եւ Սեւերեանց կամ Յակոբիկեանց տարածուելուն եւ զօրանալուն պատճառով 350): Սակայն նշանաւոր խումբ մը կար մնացած Հայաստանի դրացի Ասորական Միջագետքին մէջ, որ Աղձնեաց նահանգին եւ Սասունի լերանց կողմերն ալ սփռուած էր, որ Սեւերեան վարդապետութենէ կը խորշէր, եւ կատարելապէս յարած էր Հայոց Եկեղեցւոյն, եւ զայն իբր իրեն գլուխ եւ առաջնորդ կ՚ընդունէր: Այս խումբին գլխաւորներն են Սամուէլ քորեպիսկոպոս, Դանիէլ Սարեբայ, Գաբրիէլ Ովփեսի, Եղիա Սուսինայի, Շապուհ Գնիսթոյի, Յազգէն Գումայի, Դանիէլ Բդնայի, Բդեշխ Սազիմայի, Մեղքի Յովդամնայի, եւ Դաւիթ Սոքփոնէի երէցներ (ԹՂԹ. 52): Յիշեալ տեղերը թէպէտ քիչ ծանօթ եւ անուննին ալ աղաւաղուած, այլ ընդհանրապէս Ասորական Միջագետքի եւ Նփրկերտի սահմանակցութեան մէջ կը գտնուին (ՅԱՐ. 93): Սամուէլ եւ Դանիէլ անուններ Բաբգէնի թուղթերուն մէջ ալ յիշուած են, բայց 506-է ասդին, 45 տարիներու հեռաւորութեամբ դժուար է պնդել թէ նոյն անձերն ըլլան: Վերոյիշեալներուն հետ եղող երէցներ, սարկաւագներ, վանքի միաբաններ եւ ժողովրդականներ, կ՚որոշեն իրենց համար յատուկ եպիսկոպոս մը ունենալ, եւ կ՚ընտրեն Սարեբայ վանքէն Աբդիշոյ կամ Աբդիսոյ, որ է Աբդի-Եէսու (ծառայ Յիսուսի) անուն երէցը, եւ հանդիսաւոր պատգամաւորութեամբ կը յղեն Ներսէս կաթողիկոսին ձեռնադրուելու համար: Պատգամաւորութեան անդամներն են Ահարոն Մարհալայի, Դաւիթ Խափայի, Յակոբ Սարեբայի, Նոյ Կենայի, Դաւիթ Փարթնայի, Եղիա Սարեբայի, Յովսէփ Սարեբայի եւ Սերգիս Մարտի երեցներ, որոնց հետ են նաեւ Բրխիսոյ միայնակեաց, Դաւիթ Բդնայի սարկաւագ եւ Սէթ Տամոքայի միաբան: Ընծայութեան գիրին հասցէն գրուած է առ Ներսէս կաթողիկոս Հայոց Մեծաց, եւ Մերշապուհ եպիսկոպոս Տարոնոյ, յաւելուածով այլ աթոռակցաց եւ իշխանաց աշխարհիդ, եւ փառաւոր տիտղոսներով, լաւաց, ճշմարտից, եւ աստուածասիրաց, հովուաց արդարոց եւ հարանց հոգեւորաց, որ էք լոյս աշխարհի եւ սիւնք հաւատոյ, քարոզիչք արդարութեան եւ աշակերտք առաքելոց, ընկերք սրբոց եւ բարեկամք արդարոց, սիրելիք Քրիստոսի եւ պահապանք խաշին նորա (ԹՂԹ. 52): Որչափ ալ արեւելեան ճոխաբանութեան տեղի տանք, սակայն Հայոց եկեղեցւոյն վրայ ունեցած մեծ գաղափարնին միշտ յայտնի կ՚ըլլայ: Ընծայականին մէջ ընդարձակ հաւատոյ դաւանութիւն մը գրուած է, որ ընդհանուր գիծերու մէջ նման է սովորական հանգանակներու, այլ նկատելի է, որ նզովուած հերետիկոսներու հետ կը յիշեն եւս զժողովն Քաղկեդոնի, եւ զտումարն Լեւոնի, եւ զԵւտիքոս եւ զՍեւերոս եւ զգիրս իւրեանց ապականութեան: Կը դաւանին եւս, որ Քրիստոս խաչեցաւ եւ մեռաւ վասն մեր, որպէս եւ կամեցաւ, ստուգապէս եւ ոչ կարծեօք, եւ ապականութիւն բնաւ ոչ գտաւ ի նմա (ԹՂԹ. 53), ինչ որ պարզապէս կը ցուցնէ թէ Սեւերեաններէ զատուած խումբ մըն են, աւելի Յուլիաններու մօտ, բայց երեւութականներ չեն: Միանգամայն կը յայտնեն թէ յաշխարհի հերձուածողաց կը գտնուին եւ իրենց հաւատքին համար կը հալածուին, եւ կը խնդրեն որ իրենց դաւանութիւնը Հայ Եկեղեցիէ հաստատուի, որպէսզի անոր հեղինակութեամբ ինքզինքնին պաշտպանեն եւ հակառակորդները լռեցնեն:

361. ԱԲԴԻՇՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Յայտնի չէ թէ Ներսէս այս առթիւ ժողով մը գումարե՞ց արդեօք, որովհետեւ պատասխանը գրուած է միայն յանուն կաթողիկոսին եւ Մերշապուհ եպիսկոպոսին (ԹՂԹ. 55): Բայց, կ՚ըսէ, թէ ձեռնադրութիւնը կատարած է ամենայն եպիսկոպոսօք աշխարհիս (ԹՂԹ. 58), որ գոնէ մասնակի եպիսկոպոսական գումարում մը կ՚ենթադրէ: Ասորւոց տուած դաւանութիւնը աւելի ալ ընդարձակելով կը կրկնէ Ներսէս, եւ կը յայտարարէ թէ ճշմարիտ գտաք զձեզ հաւատով, եւ կը հրամայէ հաստատուն ունել զնոյն ամենայն քաջութեամբ, հալածանք եւ նեղութիւն ալ յանձն առնելով ուղղափառութիւնը պաշտպանելու համար (ԹՂԹ. 57): Ասորիները խնդրած էին որ եղիցի ձեռնադրութիւն ձեր զոր տայք, որպէս կանոնք եկեղեցականք (ԹՂԹ. 54), որ է ըսել տեւողական կանոն մը, եւ թէպէտ Ներսէս այդ մասին կարգադրութիւն մը չի յիշեր, բայց արդեամբ կը տեսնենք որ Հայոց հայրապետութիւնը ընդունած է Ասորիներուն եպիսկոպոսին շարունակ ձեռնադրութիւն տալու պայմանը, որովհետեւ զայն իբր իր աթոռին եպիսկոպոսներէն մին կ՚ընդունի եւ Հայ եպիսկոպոսութեան դասակարգին մէջ կ՚անցնէ: Հարկաւ այդ իրաւամբ է որ Աբդիսոյ Ասորեաց ուղղափառաց եպիսկոպոս Դըւնայ ժողովին ներկայ գտնուած է (ԹՂԹ. 73), միշտ ալ հայրապետական աթոռին ընթերակայ եւ հաստատուն խորհրդական երեսուն եպիսկոպոսներէն մին եղած է, Քսանեւչորսն Ասորեաց (ՈՒԽ. Ա. 100): Ըսել է, թէ երբ Ասորւոց մեծամասնութիւնը Սեւերեան կամ Յակոբիկեան վարդապետութեան հետեւեցաւ, եւ պատրիարքութիւնն ալ գրաւեց, անոնց հետ համամիտ չեղող Ասորիներ, առանձինն հասարակութիւն մը եղան, եւ Հայոց հայրապետին հովանաւորութեան ներքեւ առանձինն վիճակ մը կազմեցին, Հայ եպիսկոպոսի իրաւունքներն ալ վայելելով: Ասոնք են հարկաւ Գրիգորեան կամ Գրիգորիկ կոչուած Ասորիները, Հայոց Լուսաւորիչին անունը վրանին առնելով (ՅԱՐ. 118): Ասորւոց ընծայականին եւ Ներսէսի պատասխանին մէջ թուական յիշատակուած չէ, այլ պարագայից ուսումնասիրութեամբ կը տեսնուի, որ Աբդիշոյի ձեռնադրութիւնը 549-էն անդին յետաձգելու չէ: Կիրակոս անուններու շփոթութեան մէջ ինկած կ՚երեւի, Աբդիշոյի ձեռնադրութիւնը Ներսէս Գ. Իշխանցիին վերագրելով (ԿԻՐ. 34), քանի որ տեղէ մըն ալ նշան չունինք անուններու զուգադիպութեամբ մեկնելու:

362. ԱԲԴԻՇՈՅԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

Աբդիշոյ ձեռնադրութեամբ փառաւորուած, եւ Հայոց հայրապետին թուղթով զօրացած եւ Հայ իշխաններու հովանաւորութեամբ պաշտպանուած, դարձած է իր վիճակը, որուն աթոռանիստ քաղաքը ճշդուած չէ, բայց հաւանական է Նփրկերտ կամ Մայփերկատ կամ Մայաֆարկին, այժմեան Մուֆարղին քաղաքը կարծել: Հայերուն դաւանակից Ասորիներ նոր զօրութիւն եւ արիութիւն ստացան, իրենց հակառակորդներուն դէմ, եւ օրինական դիրքի մը տէր եղած գտան ինքզինքնին, մինչ առաջ երկու կողմէն, Նեստորականներէն եւ Յակոբիկեաններէն հալածուելով, դժուարին կացութեան մատնուած էին: Աբդիշոյ կը վկայէ թէ հակառակորդներն ալ, երբոր տեսան որ Հայ եկեղեցին իրենց պաշտպանն է, անկաւ ի վերայ նոցա դողումն եւ երկիւղ, որովհետեւ մտածեցին թէ Հայոց Եկեղեցին Պարսից տէրութեան պաշտպանութիւնը կը վայելէ, եւ եթէ Հայոց հաստատածին դէմ ելլեն, Հայք արքայից արքայի ցուցանեն, եւ մեզ չարաչար աշխատութեան հասուցանեն: Ասոր վրայ Նեստորականներ բոլորովին ձեռնթափ եղած են, բայց Յակոբիկեանք, իրենք ալ միաբնակներ մտածած են Հայաստան պատգամաւորութիւն յղել եւ Հայերը իրենց կողմը շահիլ: Ըստ այսմ Աբդիշոյ լուր կու տայ, թէ ասեն Սեւերիանոսքն, թէ մեք ի Հայս երթամք, եւ զկաթողիկոսն եւ զեպիսկոպոսն ուսուցանեմք, եւ ի նոցանէ թուղթս բերեմք, թէ հաւատ այդ արդար է զոր դոքայդ ունին (ԹՂԹ. 60): Այլ թէ այս տեսակ ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է, որոշակի գրուած չէ, եւ Յակոբ Ծանծաղոսի կամ Բարադէոսի անձամբ Հայաստան գալուն եւ Սեւերեան վարդապետութիւն տարածած ըլլալուն ակնարկ ալ(ՅԱՐ. 133), իբր մասնաւոր ճիգ մը պէտք է նկատել, եւ ոչ պաշտօնական կերպարան զգեցած մի իրողութիւն: Աբդիշոյի դառնալով, իր անունով երեք գրուածներ եւս ունինք ձեռուընիս, որոնց մէկը, ուղղուած է Ներսէս կաթողիկոսի եւ Մերշապուհ եպիսկոպոսի եւ ուրիշ աթոռակից եպիսկոպոսներու յաղագս անիծեալ Նեստորականաց հերձուածողաց (ԹՂԹ. 62), իսկ միւս երկուքը առանց հասցէի պարզ դաւանութիւններ են, Յաղագս նզովելոյ զամենայն հերձուածողս, որք էին հակառակ ուղղափառաց (ԹՂԹ. 66 եւ 68): Այս վերջին երկուքին բովանդակութիւնն ու ոճը զննելով, օտար չէ իրարու շարունակութիւն եւ պատահմամբ երկուքի բաժնուած` միակ գրուած մը կարծել: Պզտիկ ակնարկ կամ յիշատակ մը կը գտնենք այդ գրուածներուն մէջ հետեւցնելու համար, թէ երբ գրած է Աբդիշոյ այդ գիրը, վասնզի կը խոստանայ, որ թէ կամեսցի Աստուած, ընդ մօտ առ ձեզ հասանեմք (ԹՂԹ. 61), որ կրնայ Դըւնայ ժողովին համար Դուին գտնուելուն հետ (ԹՂԹ. 73) կապուիլ, եւ գրուածին ալ 553 թուականը տրուիլ: Բայց թէ ինչ առիթով յորդորուած է Աբդիշոյ նորէն նորէն իր դաւանութեան հանգանակը կազմել, ի դէպ է ենթադրել, թէ շփոթ զրոյցներ կամ ստոր քսութիւններ պարտաւորեցին Աբդիշոն իր դաւանութիւնը պարզել եւ հակառակորդները լռեցնել: Իսկ Աբդիշոյին հակառակութեան հանդիպելը մտացածին ենթադրութիւն մը չէ, որովհետեւ իր ժամանակին նշանաւոր դէմք մը եղած է, եւ իր գործունէութեամբ կազմակերպած եւ զօրացուցած է ուղղափառ Ասորի բաժին մը, երբ Ասորւոց ստուար թիւը, մասամբ Նեստորականութեան եւ մասամբ Սեւերեանութեան կողմը շահուած էր:

363. ՄԱՆԱՃԻՀՐ ԳՐԻԳՈՐԻՍ

Դենշապուհ մարզպանի մասին ըսինք 359), թէ անմիջապէս ջանքեր ըրաւ կրակապաշտութիւն տարածելու, եւ թէ շատեր ալ նահատակուեցան այդ պատճառով: Ամենուն անունները մեզի հասած չեն, եւ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուած ու տօնուած երկու անուններ միայն ունինք, անով աւելի նշանաւոր, որ մոգական կրօնքէ դարձած բուն պարսիկներ էին: Ասոնց առաջինն է Մանաճիհր, Ռաժիկ կոչուած ցեղէն, որ կանուխէն Հայաստան եկած, Հայերու մօտեցած, անոնց հաւատքին համակրած, քրիստոնէութիւն ընդունած, Գրիգորիս անունով մկրտուած ու Դուինի մէջ հաստատուած էր: Գրիգորիս իր նոր հաւատքին եռանդով վառուած, վանական կեանքի ալ հետեւեցաւ եւ Դուինի շրջակայ վանքերէն մին մտաւ, ուր սրբակրօն վարքովը եւ հիւրընկալ օտարասիրութեամբը նշանաւոր եղաւ, մանաւանդ Պարսկաստանէ եկող քրիստոնեաներուն ցուցուցած խնամքովը, այնպէս որ վանքն ալ իր անունով Ռաժիկ Մանաճիհրի վանք սկսաւ կոչուիլ: Դենշապուհ գալուն պէս առանձինն մտադրութիւն դարձուց մոգական կրօնքէ դարձած Գրիգորիսի վրայ, զայն բերել տուաւ, եւ իր հայրենի կրօնքին դառնալու յորդորեց եւ ստիպեց, պետական օրէնքն ալ յիշեցնելով: Երբ Գրիգորիս դէմ դրաւ, տանջանքներով փորձեց, եւ անոր անդրդուելիութիւնը տեսնելով անմիջապէս գլխատելու վճիռ տուաւ (ՎՐՔ. Ա. 464): Անեցին 551 թուականը կու տայ (ՍԱՄ. 74), այլ այդ ժամանակագրութիւնը դժուար կ՚ըլլայ ընդունիլ, քանի որ Պարսից թագաւորներուն տարիներովը ճշդուած թուականներ ունինք վաւերական պաշտօնագիրներու մէջ: Դըւնայ ժողովական գիրը Խոսրովի 17-րդ տարին կը նշանակէ, իբր Գրիգորիսի նահատակութեան թուական (ԹՂԹ. 72), որ կրնայ համեմատուիլ 549-ի սկիզբին, եթէ ուզենք պահել Յայսմաւուրքի նշանակած Յունուար 2-ը, իբր նահատակութեան օր (ՅԱՍ. Ա. 6):

364. ՄԱԽՈԺ ՅԻԶՏԻԲՈՒԶՏ

Ուրիշ պարսիկ մարտիրոս մըն է Մախոժ Քունարաստանցի, Պարսկաստանի Բեշապուհ գաւառէն, մոգպետի զաւակ (ՅՈՎ. 84), Դուին բնակող, որուն վրայ առաջին անգամ տպաւորութիւն գործեց Գրիգորիսի նահատակութիւնը: Ասոր վրայ աւելի մօտեցաւ քրիստոնեաներուն, եւ վերջնական կերպով միտքը փոխեց, երբ անգամ մը խաչին օրհնութեամբ հրդեհի մը մարելը տեսաւ (ՅԱՅ. 389): Անմիջապէս Դենշապուհի լուր տրուեցաւ, որ երիտասարդին միտքը փոխել տալու աշխատեցաւ, եւ նպատակին չհասնելով բանտարկել տուաւ: Հոն Մախոժ հանդիպեցաւ Նեսէս քահանայի եւ Սահակ կրօնաւորի, որք Պարսից դէնը անարգած ըլլալնուն համար բանտարկուած էին: Անոնցմէ սորվեցաւ քրիստոնէական վարդապետութիւնը, մկրտուեցաւ Յիզտիբուզտ անունով, որ է Աստուածատուր, եւ կրօնաւորութիւն ալ ընդունեցաւ: Երեքն ալ բանտին մէջ էին երբ Վշտաս Վահրամ եկաւ, եւ բանտարկեալները քննել սկսաւ: Ներսէս եւ Սահակ արձակուեցան, բայց Մախոժ-Յիզտիբուզտ բըռնադատուեցաւ քրիստոնէութիւնը թողուլ` իբր ծննդեամբ մոգական կրօնքի հետեւող: Վշտաս Վահրամ զինքն կ՚արդարացնէր յատուկ պետական օրէնքով: Երբ տանջանքներն ալ չզօրեցին Մախոժի վրայ, խաչելու հրաման ըրաւ, եւ Աստուածատուր երիտասարդը խաչին վրայ նետահար հոգին աւանդեց: Նահատակութեան օր պէտք է նշանակել Փետրուար 25, եւ տարին 553 (ՅԱՅ. 390): Մարմինը մարզպանի արտօնութեամբ եւ մեծահանդէս յուղարկաւորութեամբ թաղեց Ներսէս կաթողիկոս Դուինի կաթողիկէին արեւելակողմը, եւ վրան կոփածոյ քարէ վկայարան մը կանգնեց (ՅՈՎ. 84):

365. ԱԲԴԼՄՍԵՀ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ

Ժամանակակից է Աբդլմսեհ տղուն նահատակութիւնն ալ, որ միայն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը տօնուի: Առաջին անունը Ասեր, Ղեւիի որդի, ազգով եւ կրօնքով Հրէայ, Պարսկաստանի Շիգար քաղաքէն: Ասեր 12 տարեկան հօրը ոչխարները կ՚արածէր, բայց Հրէայ ըլլալուն, ոչ քրիստոնեայ եւ ոչ կրակապաշտ տղաքներ զինքն իրենց ընկեր չէին առներ կերակուրի ատեն: Ասոր վրայ քրիստոնեայ տղաք կը հաւանին զինքն ընդունիլ, եթէ մկրտուի, ինչ որ նոյն տղաք կը գործադրեն դաշտին ջրհորին մէջ, Մկրտի ծառայս Քրիստոսի, որ է Աբդ - էլ - Մեսիհ, խորհրդական խօսքերով: Անկէ ետքը Ասեր-Աբդլմսեհ կատարելապէս քրիստոնէութեան կը փարի, հրէութենէ կը խորշի, մայրը կը շփոթի, հայրը կը կատղի, այնչափ որ հանդիսաւոր օր մը դանակով տղուն վրան կը վազէ, եւ տունէն դուրս ալ հետապնդելով, դաշտին մէջ կը խողխողէ իր որդին: Աբդլմսեհի մարտիրոսութեան թուականն ալ մերձաւորաբար 553-ին կը դրուի: Յուլիս 14-ին Յայսմաւուրքի համեմատ (ՅԱՍ. Բ. 25): Որովհետեւ գրուած է թէ վաճառականներ անոր մարմինը Շիգարի դաշտէն փոխադրեցին (ՎՐՔ. Ե. 113), եւ որովհետեւ Հայ Եկեղեցին միայն կը տօնէ անոր յիշատակը, ճշմարտանման կ՚ըլլայ ըսել թէ Հայ վաճառականներ ծանօթացուցին անոր անունը: Այդ միջոցին նահատակուած են ուրիշ երեք մարտիրոսներ ալ, Սահակ եւ Սամուէլ եւ Յզըմուխաստ, որոնց վրայ մանրամասնութիւնք կը պակսին, եւ միայն բնիկ Պարսիկ ըլլալնին կը գիտցուի (ՍԱՄ. 75, ՕՐԲ. Ա. 139):

366. ԵՐԻՑ ԳԼԽՈՑ ԽՆԴԻՐԸ

Երբ Հայոց հայրապետ Ներսէս իր առաջին տարիներու մէջ, նորէն եկեղեցւոյ պաշտպանութեան գործով կը զբաղէր, Դենշապուհ մարզպանի մոլի, բայց ճարտար հալածանքներու դէմ, եւ վարպետ կերպերով լաւագոյն օրեր կը պատրաստէր Վշնաս մարզպանի ձեռքով, անդին Բիւզանդեան ոստանին մէջ Յուստինիանոս կայսր, թէ պետութեան եւ թէ եկեղեցւոյ բացարձակ տէր կանգնած, կ՚ուզէր միանգամընդմիշտ վերջացնել հարիւր տարիէ ի վեր Քաղկեդոնի ժողովէն ծագում առած, եւ յունահռոմէական կայսրութեան մէջ մղուած եկեղեցական եւ դաւանական խնդիրները: Նորա ծրագիրը պարզեցինք արդէն, թէ Քաղկեդոնի անունը եւ Եփեսոսի դաւանութիւնը միանգամայն պահել էր, եւ այս նպատակին իբր միջոց կը խորհէր Թէոդորոս Մոպսուեստացիի, եւ Թէոդորետոս Կիւրացիի եւ Իբաս Եդեսացիի գրուածները դատապարտել տալ, որոնք Քաղկեդոնի մէջ իբր ուղղափառ զանց եղած էին: Այս երեք գրուածները, որ Երեք Գլուխք կոչուեցան, ինքն առաջին անգամ հրովարտակով դատապարտեց 543-ին, 546-ին, ժողով գումարել հրամայեց, որ դժուարացաւ Արեւմուտցիներուն դիմադրութեամբ, 551-ին իր հրովարտակը կրկնեց, եւ երբ տակաւին անոնց դիմադրութիւնը կը շարունակէր, 553 Մայիս 4ին ժողովը բանալ տուաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 151 եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ: Ժողովին մէջ հետզհետէ քննուեցան Երեք Գլուխները, եւ մոլորական դատուեցան: Մայիս 17-ին 5-րդ նիստին մէջ իբր Թէոդորոսի դէմ փաստ կարդացուեցաւ Հայոց թուղթէն հատուած մը, որ կանուխէն Պրոկղ պատրիարքին գրուած եւ Կոստանդնուպոլսոյ դիւանին մէջ պահուած էր: Պրոկղի անունը բաւական է ցուցնել թէ Ս. Սահակի կողմէ գրուած թուղթն էր այն` յանուն Հայոց Եկեղեցւոյ ամբողջութեան 217): Ժողովը փակուեցաւ Յունիս 2-ին, եւ 14 նզովքներ արձակուեցան, որոնց 10-ը գրեթէ կրկնում են Եփեսոսի նզովքներուն, 11-րդը հին հերետիկոսներուն մերժումն է, եւ յանուանէ կը յիշուին Արիոս, Եւնոմիոս, Մակեդոն, Ապողինար, Նեստոր, Եւտիքէս եւ Որոգինէս: Վերջին երեքն ալ Երից Գլխոց դատապարտութիւններն են: Վիգիլիոս եւ Արեւմուտցիներ նորէն դժուարութիւններ հանեցին այդ նզովքներու դէմ, որք Լեւոնի եւ իր տոմարին եւ Հռոմի աթոռին ազդեցութիւնը կը կոտրէին, սակայն կայսերական զօրութիւնը մեծ էր, եւ ամէնքն ալ տեղի տուին եւ հաւանեցան ու ստորագրեցին 553-ի ժողովին նզովքները: Այս է Յունաց եւ Լատինաց հինգերորդ տիեզերական ժողովը, եւ այդ ձեւին ներքեւ վերջապէս ընդունելի դատուած է իրենցմէ Քաղկեդոնի ժողովը: Հայեր ոչ հրաւիրուեցան եւ ոչ ալ մասնակցեցան, եւ չենք ալ գիտեր թէ Յունաց բաժինին Հայ եպիսկոպոսներէն ոմանք ներկայ եղած են արդեօք, բայց եթէ ներկայ ալ եղած լինին, չէին կրնար երբեք Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ հայրապետութեան ներկայացուցիչներ նկատուիլ: Ժողովին որոշումները մեր եկեղեցական դաւանութեան նպաստաւոր են, որովհետեւ կը մեղմացնեն Քաղկեդոնի դաւանութիւնը, կը դատապարտեն անոր չմերժած գրուածները, եւ կը զօրացնեն Եփեսոսի դաւանութիւնը: Այսուհանդերձ երբեք մեր Եկեղեցին պէտք չէ զգացած հեղինակութիւն տալ ժողովի մը, որ իր ծանօթութենէն եւ իր մասնակցութենէն դուրս գումարուած է, որուն նոյնիսկ զայն ընդունողներ հակառակութիւն ըրած են, եւ որ վերջիվերջոյ կայսերական ազդեցութեամբ ընդունուած է: Արդէն Հայ Եկեղեցին Եփեսոսի 431-ի ժողովէն ետքը քակուած ու քանդուած կը նկատէ այն միութիւնը, որ էական է ընդհանուր եկեղեցւոյ համաձայնութիւնը վկայելու եւ տիեզերական եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը կազմելու, եւ երեք սուրբ ժողովներէն ետքը` անոնց հեղինակութիւնն ու զօրութիւնը վայելող ժողով չի ճանչնար: Եկեղեցական պառակտումներն ալ աթոռական խնդիրներէ ծագում առած էին, թէպէտ յուզուած խնդիրները քրիստոնէական դաւանութեանց շուրջը կը դառնային, բայց լոկ բացատրութեան ճիգեր էին, որ գիտնական ուսումնասիրութեանց նիւթեր են, եւ ոչ թէ եկեղեցւոյ հեղինակութեան պատկանող կէտեր:

367. ԴԸՒՆԱՅ ԺՈՂՈՎԸ

Ներսէսի գլխաւոր գործերէն մէկն է Դըւնայ ժողովը, զոր ազատօրէն կրցաւ գումարել Վշնաս Վահրամի խաղաղարար կառավարութեան ատեն, եւ որ նշանաւոր է Բաբգէնի ժողովէն ետքը, եւ ի դէպ է կոչել զայն Դըւնայ երկրորդ ժողով: Անոր վրայ պատմագիրներէն յառաջ բերուած տեղեկութիւնները շփոթ մըն էին, թէ ժամանակին եւ թէ գործերուն նկատմամբ, բայց ժողովական վաւերագիրին հրատարակութենէն ետքը (ԹՂԹ. 72), այլեւս աւելորդ կը լինի պատմագիրներու հակասական տեղեկութիւնները յարմարելու աշխատել: Ժողովին թուականը նշանակուած է, ի քսան եւ չորրորդ ամի Խոսրովու արքայից արքայի, ի սուրբ ի քառանորդսն, ի կիւրակէի իւղոգոմենին, այսինքն է 554 տարւոյ Ծաղկազարդի օրը, որ այն տարին հանդիպած է Մարտ 29-ին: Ինչչափ ալ ժողովը Ներսէսի չորրորդ տարին յիշողներ կան (ԱՍՈ. 83), սակայն անոնք Մժէժի տասներորդ տարին ալ կը յիշեն, մինչ Մժէժ արդէն մեռած էր Ներսէսի ատենը: Նոյնչափ անհիմն է 527-ին դնել Դըւնայ ժողովը (ՍԱՄ. 73), որ չի համեմատիր ժամանակակից դիպուածներու, ուստի պէտք է պինդ բռնել Խոսրովի 24-րդ տարին, զոր ուրիշներ ալ կ՚ընդունին (ԹՂԹ. 221): Ժողովին գլխաւոր նպատակը ցուցուած է Ուխտ միաբանութեան գրուածին մէջ, եւ է Նեստորականներուն ստացած համարձակութեան եւ գործած անկարգութիւններուն առաջքն առնել: Ասոնք պատճառաւ վաճառաշահութեան Պարսկաստանէ եկած եւ շատցած էին Հայաստանի մէջ, եւ իրենց կրօնական կեդրոն ըրած էին Մանաճիհր Ռաժիկի վանքը, որ սուրբին կենդանութենէն Պարսկաստանցի քրիստոնեաներուն օթարանն էր եղած, եւ զայն ըրած էին տեղի ժողովոյ պղծութեան իւրեանց (ԹՂԹ. 73): Անոնց գործերն էին անկարգութիւնները քաջալերել, անխտիր հոգեւոր հաղորդակցութեան եւ խորհրդաբար հաղորդելու ընդունիլ զգողս եւ զպոռնիկս եւ զայլ վնասակարս, զորս հոգեւոր իշխանութիւնը ապաշխարութեան կ՚ենթարկէր, անկնունք տղայոց համար ջնջագիր կնիք տալ, Պաւղիկեանց սովորական եղող խաբէական ձեւերը գործածել, եւ ճշմարիտ ուղղափառութեան դէմ վարդապետութիւններ տարածել: Ոմանք կը գրեն թէ այս ժողովը գումարուեցաւ հակառակ ժողովոյն Քաղկեդոնի (ԹՂԹ. 221), սակայն ժողովին պատկանող երեք վավերագիրներուն մէջ ալ բնաւ Քաղկեդոնի յիշատակութիւն կամ ակնարկութիւն չկայ, այլ միշտ անիծեալ Խուժկաց Նեստորականաց (ԹՂԹ. 70), չար աղանդին Խուժկաց Նեստորականաց (ԹՂԹ. 72), եւ անիծեալ Նեստորականաց (ԹՂԹ. 76) վրայ կը դառնայ բոլոր խօսքը: Հետեւաբար պէտք է ըսել, թէ Նեստորականներու եւ Քաղկեդոնականներու միջեւ եղող առնչութեան պատճառով, կրցած են ոմանք Քաղկեդոնականներու դէմ եղած ըսել Դըւնայ երկրորդ ժողովը:

368. ՄԵՂԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՂԹԸ

Ժողովը գումարուած է Դըւնայ Ս. Գրիգորի կաթողիկէին մէջ, որով Սրբոյն Գրիգորի ժողով ալ կոչուած է այն Ներսէսի թուղթին մէջ (ԹՂԹ. 71): Ժողովի գումարման հրաւէրը աւելի կանուխ եղած է, բայց որեւէ պատճառով մը եպիսկոպոսներ յապաղած են հաւաքուիլ, անոր համար Ներսէս ծանր ոճով թուղթ մեղադրութեան կը գրէ ուշացող եպիսկոպոսներուն, որոնց թէպէտ, կ՚ըսէ, ի ձեռն գրոյ հրաման արարաք, փութապէս ի Դուին ի սուրբ եկեղեցիս ժողովելոյ (ԹՂԹ. 70), սակայն հեղգացեալ սպուժեցէք, ձեր զմարմնոց հեշտութիւն կարեւոր համարելով, որոց յոյժ մեղադիր եմք (ԹՂԹ. 71): Մեղադրութեան թուղթը ուղղուած է յանուանէ, Գրիգոր Արծրունեաց, Սահակ Ռշտունեաց, Սողոմոն Մոկաց, Ստեփանոս Անձեւացեաց, Հռոմանոս Ակէոյ, Քրիստափոր Պալունեաց, Միքայէլ Զարեհաւանի, Աստուածատուր Բժնունեաց եւ Թադէոս Մեհնունեաց եպիսկոպոսներուն, ամէնն ալ հարաւային գաւառներու եպիսկոպոսներ, որք թերեւս ընդհանուր դժուարութեան կամ եղանակաց խստութեան հանդիպեցան, սակայն Ներսէս չքմեղանք չ՚ընդունիր, եւ մարմնոյ հեշտութեան կը վերագրէ անոնց յապաղումը: Մեղադրութեան գիրը կաթողիկոսին հետ ստորագրած են Մերշապուհ Տարոնոյ, Գրիգոր Մարդպետական, Պարգեւ Հարքայ, Տիրիկ Բագրեւանդայ, Գրիգոր Բասենոյ, Պետրոս Սիւնեաց, Մաշդոց Խորխոռունեաց եւ Խոսրով Ամատունեաց եպիսկոպոսները, որք կամ մնայուն խորհրդականներ են եղած հայրապետանոցի մէջ, կամ մօտաւոր վիճակներէ եկած: Ասոնց մէջ յատուկ մտադրութեան արժանի են երկուքը: Առաջինն է Մերշապուհ, որ Տարոնոյ եւ Մամիկոնէից եպիսկոպոս տիտղոսը կը կրէ, եւ որուն անունը անբաժան կերպով միացած է կաթողիկոսին անուան հետ, թէ Աբդիշոյի ձեռնադրութեան եւ թէ Դըւնայ ժողովին բոլոր գիրերուն մէջ: Մինչեւ իսկ Ասորւոց (ԹՂԹ. 52) եւ Աբդիշոյի (ԹՂԹ. 62) գիրերն ալ Ներսէսի եւ Մերշապուհի միացեալ հասցէին ուղղուած են, եւ նոյնիսկ ժողովական կանոնները Ներսէսի եւ Մերշապուհի անունով մակագրուած են(ԿԱՆ. 71): Մերշապուհի անունը Ներշապուհ ալ գրուած կը գտնենք (ԱՍՈ. 83), եւ դժուար է որոշել, թէ միեւնոյն անունը երկու կերպով ալ կը գործածուէր, թէ ոչ գրչագիրներու սխալանք մըն է: Տարոնոյ եպիսկոպոսի մը, հայրապետանոցի դրացին չըլլալով ալ` վայելած դիրքը, պէտք է իբր անձնական արժանեաց փաստ սեպել, կամ Մերշապուհը իբր կաթողիկոսական տեղակալ ընդունիլ: Միւս նշանաւոր անձնաւորութիւնն է Պետրոս Սիւնեաց եպիսկոպոսը, Սիւնեաց քերթողական դպրոցին աշակերտ, ինքն ալ քերթողահայր եղած, զոր Օրբէլեան կ՚անուանէ` քաջ հռետոր եւ անյաղթ փիլիսոփայ, լի իմաստութեամբ եւ կատարեալ առաքինութեամբ, նախաթոռ վարդապետաց Հայոց, քերթող եւ թարգմանիչ (ՕՐԲ. Ա. 131): Պետրոսի կը վերագրուին թարգմանութիւններ եւ ճառեր եւ մեկնութիւններ, եւ Քաղկեդոնականաց դէմ գրուածներ: Գիրք Թղթոցին մէջ կը գտնուի Պետրոսի անունով գրուած մը (ԹՂԹ. 99), որ թէպէտ իբր հեղինակաւոր վաւերագիր հաւաքածոյին անցած է, եւ յոմանց սոյն Պետրոսին վերագրուած է, բայց մեր կարծեօք ուրիշ Պետրոսի մը գրուած կ՚երեւի: Իսկ Սիւնեաց դպրոցը թարգմանչաց դարէն սկսելով եղած է Հայ ուսումնականութեան կեդրոն մը, ուսկից ելած են նշանաւորագոյն վարդապետներ, իբր սեփական պատուոյ կոչում առնելով քերթող եւ թարգմանիչ անունները: Ասոնց կարգէն է Պետրոս Սիւնեցի, որ Ներսէսէ ձեռնադրուած է, իններորդ եպիսկոպոս Սիւնեաց (ՕՐԲ. Ա. 131) Լուսաւորչի ժամանակէն սկսելով: Ասոնցմէ յիշեցինք արդէն Անանիան, եւ Մուշէն, եւ Երիցակը: Պետրոս յաջորդեց Մակարի, շուրջ 550-ին, եւ Դըւնայ ժողովին մէջ աւելի փայլողներէն մէկը եղաւ, եւ իր անունն ալ Ներսէսի ու Մերշապուհի հետ յատուկ յիշատակութեան արժանացաւ միաբանութեան ուխտագիրին (ԹՂԹ. 72), եւ ուրիշ գրուածներու մէջ(ԹՂԹ. 76):

369. ՈՒԽՏ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

Մեղադրութեան գիրը մեծ արդիւնք ունեցած չէ, եւ ժողովը հաւաքուած է 18 եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ: Ասոնցմէ 7-ը մեղադրութեան գիրին ստորագրողներն են, Ամատունեաց եպիսկոպոսէն զատ, 10 մեղադրեալներէն 3-ը միայն եկած են, Արծրունեաց եւ Պալունեաց եւ Մեհնունեաց եպիսկոպոսները, 8 հատ ալ ասոնցմէ դուրս են, Ներսէս Մարդաղւոյ, Վաղոտ Արշամունեաց, Մարկոս Բագրեւանդայ, Յոհան Ապահունեաց, Յովնան Վանանդայ, Հաւուկ Արշարունեաց եւ Յոյս Գողթան եպիսկոպոսները, որոնց հետ է նաեւ Աբդիշոյ Ասորեաց ուղղափառաց եպիսկոպոսը: Աւելի բազմաթիւ են նախարարներուն անունները, որոնք ժողովին մասնակցած եւ որոշմանց ոյժ տուած են, եւ նկատելի է որ անոնց մի մասը` փոխանակ իր նախարարական ցեղին` պարզ հայրանունով յիշուած են: Նախարարութեան անունով յիշուածներն են, Համազասպ Մամիկոնեան, Գարջոյլ Խորխոռունի, Աստուածատուր Վանանդեցի, Գնեալ Գնունի, Վարազ Գաբեզեան, Գրիգոր Աբեղեան, Մերշապուհ Շինական, Համազասպ Ձիւնականեան, Աստուածատուր Հաւնունի, Վարդան Վահեւունի, Հմայեակ Վարաժնունի, եւ Մանուէլ Սպանդունի: Իսկ հայրանունով յիշուած են սպարապետ Սամէլ Արտաւազդեան, Գրիգոր Հմայեակեան, Սահակ Վարդանեան, Դատոյ Գարջոյլեան, Գրիգոր Վասակեան, Վարդան Վասակեան, Զօրակ Գազաւոնեան, Յոհան Յոհանեան, Վարդան Մուշեղեան, Սահակ Հմայեակեան, Աշոտ Վարազտիրոցեան, Մուշեղ Հմայեակեան, Վրիւ Արտաշիրեան, Աստուածատուր Արշաւիրեան, Սամուէլ Մամական, Վարդ Հմայեակեան, Ներսէս Սամսոնեան, Վարդ Մամական, Արտաւազդ Մամական, Համազասպ Սահակեան, Սահակ Մանուէլեան, եւ Վարդան Մուշեղեան: Իսկ Վարազ մը եւ Համազասպ մըն ալ լոկ անունով յիշուած են: Նախարարներուն շատութիւնը տրուելիք որոշման արտաքին գործադրութեան պէտք ունենալէն յառաջ եկած է, եւ այդ պատճառով ըսուած է, թէ ոչ ոք արտաքոյ մնաց յաշխարհականաց ի յայս կամաւոր գործոյ (ԹՂԹ. 74): Ժողովը կը յայտնէ, թէ քանդեալ աւերեցաք զտեղի ապաւինի անօրէնութիւն նոցա (ԹՂԹ. 73), այսինքն է Նեստորականներուն կեդրոնն եղող Մանաճիհր Ռաժիկի վանքը, ինչպէս որ կը բացատրէ Օրբէլեան ալ (ՕՐԲ. Ա. 132): Ժողովը միանգամայն հրամայեց անոնց հետ վիճաբանութեան իսկ չմտնել, այլ հեռանալ ի նոցանէ արդարեւ որպէս ի թշնամեաց Քրիստոսի Աստուծոյ, եւ նզովք կարդաց ամէն անոնց` որ Նեստորականներուն կը հետեւին, եթէ ի կաթողիկոսաց ոք իցէ, եթէ յեպիսկոպոսաց, եթէ ի քահանայից, եթէ յիշխանաց, եթէ յայլ ժողովրդականաց (ԹՂԹ. 74): Նկատողութեան արժանի է կաթողիկոսն ալ ժողովրդականի հետ միասին յիշելը, որ Հայոց Եկեղեցւոյն ըմբռնման լուսաւոր եւ լուսամիտ յայտարարն է: Անգամ մըն ալ կը կրկնենք, թէ այդ ժողովական գրութեան մէջ, որ Ուխտ միաբանութեան Հայոց աշխարհիս մակագրուած է, բնաւ Քաղկեդոնի եւ բնութեանց խնդիրին ակնարկ մը չկայ, եւ չենք գիտեր թէ ուստի եւ ինչպէս քաղած են ուրիշներ քաղկեդոնական դաւանութեան մասին մանրամասնութիւնները, զորս կը վերագրեն Խոսրովի 24-րդ տարին Ներսէս կաթողիկոսի գումարած ժողովին, որ միեւնոյն վերոյիշեալ Միաբանութեան ուխտին ժողովն է: Պէտք չէ նկատողութենէ վրիպեցնել, որ տարի մը առաջ տեղի ունեցած էր Կոստանդնուպոլսոյ ժողովը, ուր քաղկեդոնեան վարդապետութիւնը, նշանաւոր այլայլութիւն մը կրած էր 366), բայց կարծես թէ Դըւնայ ժողովը անկէ ալ տեղեկութիւն չունի, որ եւ ոչ հեռաւոր ակնարկ մը կ՚ընէ այս մասին:

370. ՆԵՐՍԷՍԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Սոյն ժողովին պէտք է ընծայել նաեւ այն 87 կանոնները, որոնք Ներսէսի կաթողիկոսի եւ Ներշապհոյ Մամիկոնէից եպիսկոպոսի անունով անցած են Կանոնագիրքին մէջ (ԿԱՆ. 71-74), որովհետեւ միշտ կանոններ ժողովական հաստատութեամբ ստացած են իրենց հեղինակութիւնը, թէպէտ յիշեալ կանոններուն գլուխը` ժողովի գումարման մասին բնաւ տեղեկութիւն տրուած չըլլայ: Սոյն կանոններուն նպատակն է եկեղեցական կարգերուն եւ եկեղեցականաց ընթացքին մէջ սպրդած զեղծումները բառնալ, այլ բնաւ յիշուած չեն Շահապիվանի ժողովին հրամայած արտաքին պատիժները 229), եւ միայն նզովքի եւ լուծման եւ ապաշխարութեան եկեղեցական պատիժներ կը յիշուին: Գլխաւորաբար քահանաներու վրայ մտադրութիւն դարձուած է, հրամայելով որ երկկիններ եւ տգէտներ վտարուին, վաշխառուներ եւ արբեցողներ պատժուին, արծաթագին ծառայ չպահեն, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու պատարագը չխափանեն, ժողովուրդը բաժակէն չզրկեն, բաժակին յաւելուած չխառնեն, քահանայական պաշտօնները ժողովրդականներու չյանձնարարեն, նախաթոռութիւննին ձեռնադրութեան ժամանակով եւ կարգով պահեն: Գլխաւոր քահանային, այսինքն աւագերէցին պարտք կը դրուի միշտ եկեղեցին մնալ, իսկ միւսներուն կը ներուի ամառը փոխանակաւ մնալ, հարկաւ իրենց հողագործական աշխատութեանց պատճառով, իսկ պղերգութեամբ հերթերնուն պակսողները բաժիններէն պիտի զրկուին: Քահանայից կը պատկանին եւս եկեղեցւոյ տրուած նուէրներուն եւ հասոյթներուն մասին եղած կարգադրութիւնները: Բացարձակապէս կը հրամայուի որ քահանայք այդ նուէրները տուներնին չտանին, կամ հասոյթները վաշխով չգործածեն, կամ իրենց տնական պէտքերէն զատ զուարճութեանց չծախսեն, այլ ամէն բան եկեղեցին պիտի հաւաքուի աւագերէցին հսկողութեան ներքեւ, եւ ստացուած գումարը համեմատաբար պիտի բաշխուի, մէկ բաժին դպիրներուն եւ այրիներուն, մէկուկէս սարկաւագներուն, երկու քահանաներուն, եւ երկուքուկէս աւագերէցին: Այստեղ յիշուած չեն եպիսկոպոսին քահանայական հասոյթը տասանորդելու իրաւունքը, ոչ ալ քահանաներուն ժողովուրդը տասանորդելու սովորութիւնը, եւ ոչ ալ եկեղեցւոյն եւ աղքատաց բաժինները ակնարկուած են, որովհետեւ պարզապէս քահանայից մնացած բաժինին բաշխման շուրջը կը դառնայ կանոնը: Իսկ դպիրներուն կարգին են լուսարարներ եւ դռնապաններ եւ ժամկոչներ, եւ այրիներն են եկեղեցւոյ լուացքներուն եւ մաքրութեան զբաղող կիները, ինչպէս են այժմ ալ Երուսաղէմի մայրապետները: Ժողովրդական ազապներուն եւ հոգեհացերու եւ պատարագի սեղաններու մասին ալ հրամայուած է, անոնցմէ բան չվերցնել եւ տուն չտանիլ, այլ բոլորը յօգուտ ժողովրդեան սպառել: Խորհուրդներու մատակարարութեանց նկատմամբ ալ կը հրամայուի քահանաներուն, որ ապաշխարութիւնը վաճառաշահութեամբ չգործածեն, եւ խոստովանութեան գաղտնիք չյայտնեն, մկրտութիւնը միմիայն վտանգի պատճառով տուներու մէջ կարենան կատարել, աւազանը բաւական ըլլայ երախային հասակը ջուրով ծածկելու, կիներ մկրտութեան չսպասաւորեն, սարկաւագներ մկրտութիւն չընեն, այլ քահանայք իրենք մկրտեն, եւ ոչ ալ ջուր օրհնելով մանկամայրերու յանձնեն որ անով մկրտութիւն կատարեն:

371. ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Քահանաներուն պատկանող կանոններէն ետքը ամուսնութեանց մասին խօսուելով, ըսուած է միայն այրին ու կոյսը իրարու հետ չպսակել, եւ տղաներ չպսակել, թէպէտ տարիք յիշուած չէ, եւ կը պահանջուի որ փեսացուն եւ հարսնցուն իրար տեսած ու ճանչցած ըլլան: Եկեղեցիներու մասին ալ հրամայուած է, մէջը մեռել չթաղել, եւ սպասները հարսնիքներու չգործածել: Դպիրներու կը հրամայուի եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական զգեստ գործածել, եւ առանց քահանայի պաշտամունք չկատարել: Վանականներու կը հրամայուի վանքէ դուրս կենցաղնին չփոփոխել, արեւ ծագելէն ետքը դուրս ելլել, եւ արեւ մտնելուն վանք դառնալ, առեւտուրով չզբաղիլ, վանքէն դուրս միայն աւագ երէցին տունը օթեւանել, վանքին մէջ կին աշխատաւոր չառնել, ինչպէս են հացարար, կովկիթ եւ խնոցէհար կիներ: Աղանդաւորներու նկատմամբ ալ կը հրամայուի մի ' վանս տալ, այն է բնակակցութիւն չընդունիլ: Հարկաւ Նեստորականներու համար է այդ արգելքը, ինչպէս Ուխտ միաբանութեան գիրին մէջ ալ ակնարկութիւն եղած է: Վերջապէս պահքերու մասին հրամայուած է քառասունքը եւ առաջաւորը չլուծել, աւագ Շաբաթ օրն ալ պատարագէն առաջ թան եւ գինի չճաշակել, թէպէտեւ ոք տկարութեան պատճառով կանուխէն հաղորդուած ըլլայ: Կանոնները կը վերջանան այս խօսքերով: Եւ պատուիրեցաւ ձեզ յամենայն ամսեան պարապել խնդրուածոց զաւուրս շաբաթի միոյ, խնդրել յԱստուծոյ զմարմնոյ առողջութիւն եւ զհոգւոյ փրկութիւն (ԿԱՆ. 74): Այդ կտորը բացատրուած է յոմանց, յամենայն ամիսս շաբաթ մի պահք պահեսցի (ՀԱՄ. Բ. 239), եւ նոյնը ուրիշներէն կրկնուած է (ԱԲԼ. 81): Բայց ինչչափ ալ աղօթքի պարապելու եւ մարմնոյ առողջութեան մտադրութիւն դարձնելու խրատը, լռելեայն ժուժկալութիւն կ՚ենթադրէ, սակայն կանոնին բացատրութեան մէջ պահքը որոշակի յիշուած չէ, եւ պատուէրն ալ բացարձակ հրաման չի հնչեր: Ինչ ալ ըլլայ կանոնին բուն իմաստը, ընդհանրապէս այդ կանոնին հետեւանք կարծուած են մեր տօնացոյցին 12 շաբաթապահքերը, որք են. 1. Եղիական, 2. Լուսաւորչի, 3. Վարդավառի, 4. Վերափոխման, 5. Խաչվերացի, 6. Վարագայ խաչի, 7. Յիսնակաց, 8. Ս. Յակոբայ, 9. Աստուածայայտնութեան, 10. Առաջաւորաց, 11. Մեծ պահոց երկրորդ շաբաթին եւ 12. Աւագ շաբաթի շաբաթապահքերը: Բայց ուրիշ առմամբ գիտենք որ ասոնցմէ հինգը տաղաւարի շաբաթապահքեր են, այսինքն. 1. Վարդավառի, 2. Վերափոխման, 3. Խաչվերացի, 4. Աստուածայայտնութեան եւ 5. Աւագ շաբաթու: Չորսն ալ չորս եղանակաց պահքեր են, այսինքն. 1. Եղիական, 2. Վարագայ խաչի, 3. Ս. Յակոբայ եւ 4. Մեծ պահոց երկրորդ շաբաթու: Առաջաւորացը` Լուսաւորիչի մասնաւոր հաստատութիւն է, եւ Լուսաւորիչինը` յատուկ ազգային բարեպաշտութիւն մըն է, իսկ Յիսնակացը` ծննդեան հին մեծպահքին սկզբնաւորութիւնն ու յիշատակն է, որ այժմ խափանեալ է:

372. ՏՈՄԱՐԻ ՇՓՈԹԻԼԸ

Ասողիկ կը գրէ թէ սոյն այս ժողովին մէջ, որ գումարուեցաւ Խոսրովի 24-րդ եւ Յուստինիանոսի 14-րդ տարին, Ներսէս եւ Ներշապուհ եւ Պետրոս կարգեցին զթուականն Հայոց (ԱՍՈ. 83), եւ միանգամայն ի բաց կացին ի Յունաց հաղորդութենէ, եւ թէ այն տարին էր 304 Յունաց Փիլիպպոսեան թուականին, 553 ծննդեան Փրկչին եւ 252 լուսաւորութեան Հայոց (ԱՍՈ. 64): Սակայն ստոյգն այն է որ այս ժողովին մէջ թուականի որոշում չտրուեցաւ, ինչպէս եւ Յոյներէ բաժանման խնդիրը կանուխէն կատարուած էր Քաղկեդոնի ժողովը չընդունելով: Բայց թուականի խնդիրը դիտողութեան նիւթ կրցաւ ըլլալ, որովհետեւ 553 թուականը բոլոր աշխարհի համար ալ Զատիկի տօնին շփոթելուն տարին եղաւ: Զատիկի օրը գտնելու կանոնը առաջ ճիշդ ու ճիշդ հրէական տոմարն էր, միայն Զատկին տօնը լուսնին լրման յաջորդող Կիրակիին կը թողուէր, Հրէից հետ մէկտեղ տօնած չըլլալու համար: Նիկիոյ ժողովէն ետքը պէտք եղաւ յատուկ զատկական ցուցակ մը ունենալ, որ քանի մը տարի ետքը կազմուեցաւ Անդրէաս Բիւզանդացիի ձեռքով: Նա դիտեց որ լուսնի վերադիրին 19 տարիներու շրջանը կամ իննեւտասներեակը, 5 անգամ դառնալով 95 տարիի շրջանէն ետքը նորէն ամսուան նոյն օրերուն կու գար, եւ իննսուն եւ հինգ ամով բովանդակէր զեղանակ շրջագայութեան ի նոյն (ՇԻՐ. 20): Բայց եթէ ամիսներուն օրերը նոյն կը դառնային, շաբթուան օրերը նոյն չէին գար, որովհետեւ եօթներեակներու շրջանը 28 էր, եւ 95-ը 28-ի վրայ ճիշդ չէր բաժնուեր: Այսուհանդերձ Անդրէաս պէտք եղածը լրացնելով 200 տարւոյ շրջան մը կազմեց, որ 353-ին սկսաւ, եւ որով կանոնաւորուեցան Զատիկները մինչեւ 552: Այս է Անդրէասեան երկերիւրեակ ըսուած շրջանը: Այդ շրջանին առաջին տարին իննեւտասներեակը 11 էր դրուած, եւ լուսնի ծագումը կ՚ըլլար Մարտ 22-ին եւ լրումը Ապրիլ 4-ին, որ արարչութեան օր կը կարծուէր, իսկ շրջանին վերջին տարին իննեւտասներեակը 21 էր, լուսնի ծնունդը Մարտ 12-ին եւ լրումը Մարտ 25-ին: Այս տարւոյն յաջորդը պէտք էր ունենար իննեւտասներեակ 2, լուսնի ծագումը Մարտ 31-ին, եւ լրումը Ապրիլ 13-ին: Մինչ շրջանին առաջին իննեւտասներեակը 11 լինելուն, 2-ին եւ 11-ին մէջտեղ 9 տարբերութիւն կը մնար, եւ այս պատճառով սկսան շփոթիլ տօնք եւ ամենայն արհեստք տոմարականք (ԿԻՐ. 24): Հարկաւ այդ շփոթութիւնը Հայերն ալ զգացին, եւ 9 տարիներու համար առժամեայ կարգադրութեան դիմեցին, երկերիւրեակէն հրաժարելով եւ սովորական իննեւտասներեակին հետեւելով: Մեր պատմագիրներ այդ խնդիրին մէջ Ներսէս եւ Յովհաննէս եւ Մովսէս կաթողիկոսները շփոթելով, տոմարական գործերը մէկին կամ միւսին կու տան անխտիր, ինչպէս եւ Կիրակոս, որ աւելի մօտէն խնդիրը կը բացատրէ, շրջանին շփոթիլը Մովսէսին կու տայ, իսկ ուղղութիւնը Յովհաննէսին` որ Մովսէսէ առաջ է (ԿԻՐ. 24): Սակայն խնդիրը ժամանակագրութեան կը պատկանի, եւ տարիներու ընթացքն է որ ուղղութիւն պիտի տայ եղելութեանց, եւ ոչ թէ կաթողիկոսաց անունը: Արդ, ստոյգ է որ շփոթը ծագեցաւ Ներսէսի օրով, ուստի ինը տարիներու առժամեայ կարգադրութիւնն ալ` զոր Կիրակոս Յովհաննէսի կու տայ (ԿԻՐ. 24) եւ Անեցին` Մովսէսի (ՍԱՄ. 74), պէտք է Ներսէսի վերագրել, եւ այս կերպով թերեւս արդարանայ Ասողիկի գրածը, որ ուղղութիւնը Ներսէսի կու տայ (ԱՍՈ. 83): Բայց Ներսէսի վերագրուելիք ուղղութիւնը` առժամեայ կարգադրութիւնը կրնայ ըլլալ, եւ ոչ թէ հինգհարիւրեակի հաստատուն ուղղութիւնը, որ 361-ին յօրինուեցաւ Ներսէսի մահէն ետքը:

373. ԱՐԴԻՒՆՔՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Ներսէսի կաթողիկոսութեան մասին գրուած եղելութիւնները քաղեցինք արդէն, եւ անոնցմէ դուրս շատ նշանաւոր դիպուածներ չենք գտներ յառաջ բերելու համար: Բայց պատմուածներն ալ բաւական են գործունեայ եւ արթուն եւ զօրաւոր հոգւոյ տէր անձ մը տեսնել Բագրեւանդացի հայրապետին վրայ: Դենշապուհ մարզպանը փոփոխել տալու յաջողութիւնը` վարչական ճարտարութեան նշանակ էր, իսկ Դըւնայ ժողովը, եւ Նեստորականներու դէմ մաքառումը, եւ բարեկարգական կանոնները` իր հայրապետական նախանձայուզութիւնը կը հաւաստեն: Խոսրովի 25-րդ տարին, այսինքն ժողովէ տարի մը ետքը, նոր թուղթ մը գրած է Գրիգոր Արծրունեաց եւ Գրիգոր Մարդպետական եպիսկոպոսներուն, յիշեցնելով Նեստորականներու դէմ տրուած ժողովական վճիռը, եւ անոր ճիշդ գործադրութիւնը յանձնարարելով: Նամակին մէջ կ՚ըսէ. վասն ծանուցանելոյ այնոցիկ չիցէ լուեալ զայս պատուէր, վասն նորին զայս թուղթ առ ձեզ տեարս հրամայեցաք գրել (ԹՂԹ. 76): Սակայն Արծրունեաց եւ Մարդպետական կամ Սեպհական Գնդին եպիսկոպոսները ժողովին ներկայ էին (ԹՂԹ. 73), եւ պէտք է ըսել թէ այս գիրը շրջաբերական էր ամէն եպիսկոպոսներուն, եւ գլխաւորապէս ժողովին չգըտնուողներուն, եւ թէ հանդիպմամբ է որ վերոյիշեալներուն անունով օրինակը Գիրք Թղթոցին հաւաքածոյին անցած է: Այս պարագան ալ Ներսէսի գործունէութեան նշանակ է (56): Իսկ ուսմանց եւ զարգացման համար ունեցած ջանքին նշանն է, իր ատենի Սիւնեաց դպրոցին նշանաւորագոյն անձերուն ծաղկիլը, ինչպէս նաեւ Եզրաս Անգեղացիի փայլիլը, որ զդասս ճարտասանիցն բազմացուցանէր (ԱՍՈ. 83), հարկաւ կաթողիկոսին հովանաւորութեան շնորհիւ: Եզրաս Անգեղացիի արդիւնքներուն վրայ ուրիշ տեղեկութիւն չունինք, եւ որովհետեւ կոչուած է աշակերտ Մովսէսի եպիսկոպոսի Բագրեւանդայ (ՍԱՄ. 73), Մովսէս Խորենացիի աշակերտ, եւ Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտութեան հետեւող մը կը կարծուի: Ներսէսի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը 9 տարի, եւ մահը 557 թուականին եղաւ, հաւանաբար լրացեալ տարիքի մէջ, ինչպէս սկիզբէն բացատրեցինք 359), եւ նորէն աւելցնելու բացատրութիւն չունինք: Խաղաղութեամբ եւ փառօք կնքած է նա իր բազմարդիւն կեանքը, յատուկ գնահատման արժանանալով Հայոց Եկեղեցւոյն պահպանութեան եւ փառաւորութեան օժանդակողներէն մին եղած ըլլալուն համար: