Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Բ. ԳԱԲԵՂԵԱՆ

374. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Յովհաննէս Բ. ի ծննդավայր նշանակուած է Գաբեղեան, այժմ Կաղզուան գաւառի Սիւնձեղուն գիւղը, եւ այս կը կարծենք տեղական անունին լաւագոյն ընթերցուածը, Սիւնձեղուան, Անծեղուան, Ձեղուան, Սիւնձեղ, եւ Սինեղ տարբերեալ գրութեանց մէջ: Գիւղէն աւելի գաւառին անունը գործածուած է իրեն համար, որ միանգամայն Հայոց նշանաւոր նախարարութիւններէն մէկն է, եւ անկէ կը հետեւցնենք թէ Յովհաննէս նախարարազուն սերունդէ էր: Իր նախընթացին համար գրուած կը գտնենք թէ էր ի վանականութենէ Թաթլոյ վանից (ԱՍՈ. 84), որ իրօք կը գտնուէր Գաբեղեան գաւառին մէջ 301), այլ հարկ չկայ կարծել, թէ ուղղակի վանականութենէ կաթողիկոսութեան կոչուած ըլլայ: Դըւնայ ժողովին ներկաներէն մէկն է Յովհաննէս Ապահունեաց եպիսկոպոսը 369), զոր պէտք կը զգանք կաթողիկոսին հետ նոյնացնել, որովհետեւ ինքն իսկ Դըւնայ ժողովին վրայ խօսելով կը գրէ, թէ փութացաք մեք եւ այլ աշխարհիս Հայոց եպիսկոպոսունք ` Նեստորականները հալածել (ԹՂԹ. 79, ՕՐԲ. Ա. 135), որով նոյն ժողովին ներկայ եղած ըլլալը կը վկայէ: Իր հայրապետութեան միջոցը 15 կամ 17 տարի գրուած է անխտիր զանազան պատմագրութեանց մէջ, ինչ որ յայտնապէս Ե եւ Է թուատառերու փոխանակութեան հետեւանք է, այլ պատմական պարագաները կը թելադրեն 17 տարին նախադասել: Միւս կողմէն պիտի տեսնենք, որ Յովհաննէս իր վերջի երկու տարիները աթոռէն հեռու անցուց, եւ գուցէ այդ երկու տարիներն են, զորս ոմանք ուզած են զեղչել իր կաթողիկոսութենէն: Յովհաննէսի ընտրութիւնը 557-ին դնելով, իր մահը կ՚իյնայ 574-ին: Այդ միջոցին Պարսից թագաւորը միշտ միեւնոյն Խոսրովն էր, իսկ կայսրութիւնը 565-ին Յուստինիանոս Ա. ի մահուամբ անցաւ Յուստինոս Բ. ի: Վահրամ Վշնաս մարզպանն ալ 558-ին փոխուեցաւ, եւ տեղը եկաւ Վարազդատ Պարսիկ, որ Վշնասի խաղաղ ու հաշտարար կառավարութիւնը շարունակեց մինչեւ 564, երբ մարզպան նշանակուեցաւ Սուրէն նախարար, հին Սուրէնեանց թագաւորազուն ցեղէն, եւ Ճիհովր-Վշնասպ մականուանեալ (ԱՍՈ. 85), որուն դժնեայ եւ դժնդակ ընթացքը նոր խռովութեանց դուռ բացաւ:

375. ՍԻՒՆԵԱՑ ԳՈՐԾԵՐԸ

Այդ միջոցներուն Վահան Սիւնեաց իշխանը, չենք գիտեր ինչ միտքով կամ ինչ դիտմամբ, ուզեց Հայաստանի մարզպանութեան հպատակութենէն ելնել, եւ Հայերէն զատուիլ, եւ Սիւնեաց գաւառը Ատրպատականի մարզպանութեան հետ միացնել, եւ իր տուրքին արձանագրութիւնն ալ, որ Շահրմար կամ Շահրհամար կը կոչուի, Դուին քաղաքէն Փայտակարան քաղաքը փոխադրել տուաւ (ՍԵԲ. 48): Հաւանական է կարծել թէ 564-էն յետոյ կատարուած գործ մըն է, եւ Սուրէն մարզպանի բռնութիւններէն ազատելու միջոց մը, եւ ոչ թէ Մամիկոնեանց ազդեցութենէն դուրս ելլելու նպատակ մը, ինչպէս մեկնողներ եղան (ԱՍԼ. 262): Բայց այս անջատումը առիթ տուաւ այն կողմերուն մէջ զօրացնելու Նեստորականներուն ազդեցութիւնը եւ անոնց թիւը ստուարացնելու, օգտուելով Ատրպատականի մարզպանութեան Հայոց ուղղակի ազդեցութենէն դուրս մնալէն: Այդ պարագան Յովհաննէս կաթողիկոսի մտադրութինը գրաւեց, որ փութաց յատուկ գրութեամբ զգուշացնել Սիւնեաց իշխանն ու եպիսկոպոսը, որպէսզի իրենց ժողովուրդին վրայ հսկեն, եւ մոլորութեանց զօրանալուն թոյլ չտան: Կաթողիկոսական թուղթը ուղղուած է Միհրարտաշիր իշխանին, որ Վահանի յաջորդած էր, եւ Վրթանէս եպիսկոպոսին, որ աթոռ բարձրացած էր Պետրոսի 10 եւ Գիգանի 3 տարի եպիսկոպոսութենէն յետոյ: Օրբէլեան մեծ գովեստով կը խօսի այդ Վրթանէսի վրայ, զոր Պետրոսի աշակերտ եւ համանման կ՚անուանէ, եւ Աղուանից Զաքարիա կաթողիկոսէն ձեռնադրութիւն առած էր, կ՚ըսէ, եւ պատճառ կը ցուցնէ Յովհանի հակաթոռութեան խնդիրը (ՕՐԲ. Ա. 133): Բայց քանի որ հակաթոռութիւնը աւելի ուշ տեղի ունեցաւ, թիւրիմացութեան եւ ժամանակագրական շփոթութեան հետեւանք պէտք է կարծել Վրթանէսի ուրիշ աթոռէ ձեռնադրուիլը: Յովհաննէսի հետ կաթողիկոսական թուղթին կը ստորագրեն, Աբրահամ Տարոնոյ եւ Մամիկոնէից, Ներս Բասենոյ եւ Մարգաղւոյ, Մաշթոց Խորխոռունեաց, Գիւտ Վանանդայ, Բաբ Ամատունեաց, եւ Աբդիշոյ Ասորեաց ուղղափառաց եպիսկոպոսները: Այս անուններուն նկատմամբ պէտք է դիտել թէ Մերշապուհ, որ այնչափ ազդեցիկ դիրք մը ունէր Ներսէս Բ. ի մօտ` մեռած է, բայց անոր յաջորդ Աբրահամն ալ միեւնոյն դիրքը գրաւած է Յովհաննէս Բ. ի մօտ, եւ ամէն եպիսկոպոսներէն վեր կը ստորագրէ: Իսկ Աբդիշոյ, իր ստացած դիրքն ու մասնակցութիւնը կը պահէ Հայ եպիսկոպոսներու շարքին մէջ: Հնար է հետազննել, թէ հաստատուն եպիսկոպոսական ժողով մը կը կենա՞ր արդեօք կաթողիկոսին մօտ, կամ կարեւոր պարագաներուն խորհրդակցութեան կը հրաւիրուէի՞ն, թէ ոչ հանդիպմամբ հայրապետանոցի մէջ գտնուող եպիսկոպոսներ էին` որ կաթողիկոսին կը ձայնակցէին եւ կը գործակցէին: Բայց այդ հետազօտութեան չենք մտներ, քանի որ զայն օրինաւորապէս ճշդելու տարրներ կը պակսին ձեռունիս:

376. ՍԻՒՆԵԱՑ ԹՈՒՂԹԸ

Կաթողիկոսական թուղթը, նախապէս Հայոց աթոռին առաքելականութիւնը կը հռչակէ, յիշելով Սուրբն Գրիգորիոս սրբոյն Թադէոսի յաջորդն (ԹՂԹ. 78), երեք ժողովներու դաւանութիւնը իբր հիմն կ՚ընդունի, կը հերքէ Նեստորականները, կը պատմէ անոնց Խուժաստանէ Հայաստան անցնիլը, եւ այդ պատճառով Դըւնայ ժողովին գումարուիլը, որուն ինքնզինքն ալ մասնակից կը ցուցնէ, եւ Սիւնեաց եպիսկոպոսին Պետրոսի ներկայութիւնն ալ կը շեշտէ, եւ կը յարէ. Միաբանութեամբ զպիղծ Նեստորիանոսս եւ զՔաղկեդոնիտս եւ զայլ հերձուածս ի մեր սուրբ եկեղեցւոյս նզովիւք հալածական արարաք (ԹՂԹ. 79): Տեսանք արդէն թէ Դըւնայ ժողովական գիրին մէջ Քաղկեդոնի յիշատակութիւն չկար 367), եւ եթէ այսուամենայնիւ Յովհաննէս Գաբեղեան եւ Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոսներ` Քաղկեդոնականները կը յիշեն, պէտք է ըսել թէ իրենց համոզման մէջ Քաղկեդոնականները Նեստորականներու հետ նոյն կը նկատուէին: Կաթողիկոսը կը յիշէ այնուհետեւ թէ լսած է որ Սիւնեաց նահանգին մէջ Նեստորականներու հետ հաղորդակցութենէ չեն զգուշանար, ուստի պարտք կը զգայ ազդարարել, որ այս բանը ժողովական որոշմանց հակառակ է, ուստի պէտք է, որ այնպիսին նախ նզովէ գրով զպիղծ Նեստոր եւ զամենայն հերձուածողս եւ զժողովն Քաղկեդոնի, եւ ապա ընդունել զայնպիսին ապաշխարութեամբ (ԹՂԹ. 80): Կաթողիկոսական գիրին հետ, իբր նուիրակ ղրկուած է Մատթէոս քահանայ հաւատարիմ այր (ԹՂԹ. 79), որպէսզի պէտք եղած բացատրութիւնները տայ, եւ պահուելիք կերպերը ցուցնէ: Այլ թէ ինչ արդիւնք ունեցաւ թուղթը, շփոթ է Օրբէլեանի գրածը: Տեղ մը կ՚ըսէ թէ Սիւնեաց աթոռին խզումը շարունակեց մինչեւ միապետեաց Աբրահամ կաթողիկոս եւ բարձաւ հակառակութիւն ի միջոյ (ՕՐԲ. Բ. 133) եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ թէ Սիւնեցիք էին միաբանեալ ժողովոյն, ուր տոմարը հաստատուեցաւ (ՕՐԲ. Ա. 139), եւ այս ալ տեղի ունեցաւ Մովսէսի օրով: Եւ որովհետեւ Յովհանի հակաթոռութիւնը ցուցուած է իբրեւ Սիւնեաց հակառակութեան պատճառ, պէտք է ըսել թէ Գաբեղեանի գիրը լաւ ընդունելութիւն ունեցաւ Միհրարտաշիրի եւ Վրթանէսի կողմէ, եւ թէ Սիւնեաց աթոռին հակառակութիւնը աւելի ետքը տեղի ունեցած խնդիր մըն է, եւ ներկայ եղելութեանց հետ յարաբերութիւն չունի: Անգամ մըն ալ կը կրկնենք, թէ մեր պատմագիրներուն շփոթութիւնները ժամանակագրական կանոններով պէտք է ուղղել:

377. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԹՈՒՂԹԸ

Նմանօրինակ թուղթ մըն ալ ունինք Աղուանից կաթողիկոսութեան յղուած, միեւնոյն Նեստորականներու նկատմամբ, եւ միեւնոյն Մատթէոս քահանայի ձեռամբ, որ երկու թուղթերը միանգամայն առած ճամբայ ելած կ՚ըլլայ, նախ Սիւնեաց գործը վերջացնելու, եւ անկէ ետքը Աղուանից կողմը երթալու պաշտօնով: Ժամանակին Աղուանից կաթողիկոսն էր Աբաս, Մեծիրանք գաւառէն, որ 552-ին աթոռ ելլելով 44 տարի պաշտօն վարեց (ԿԱՂ. Ա. 220) մինչեւ 596, եւ նշանաւոր եղաւ իր գործունէութեամբ: Գաբեղեանի թուղթն ալ անոր ուղղուած է իբր Աղուանից կաթողիկոսի (ԿԱՂ. Ա. 224), բայց բնագիրին մէջ գրուած է Պարտաւայ եպիսկոպոսի (ԹՂԹ. 81), քանի որ Աղուանից կաթողիկոսներ երկու անուններն ալ անխտիր կամ միասին կը գործածէին: Աբասէն զատ հասցէին մէջ կը յիշատակուին Մովսէս Բաեազատու, Գրիգոր Կապաղականու, Հռոմակ Ամարասու, Տիմոթէոս Բալասականու, Ամբակում Շաքէոյ, Յոհանիկ Գերդմանոյ, եւ Ղեւոնդ Մեծկուանց եպիսկոպոսները: Յիշուած վիճակները դիտելով կը հետեւցնենք, թէ Ուտիի եւ Արցախի սահմանակից գաւառներ ալ Աղուանից կաթողիկոսութեան ներքեւ կը գտնուէին: Իսկ Հայոց Յովհաննէս կաթողիկոսին հետ` Սիւնեաց թուղթին ստորագրող վեցերէն զատ կը ստորագրեն եւս, Գրիգոր Մարդպետական, Ստեփան Տայոց, Քրիստափոր Ռշտունեաց եւ Սեկունդոս Մոկաց եպիսկոպոսները: Թուղթին մէջ պատմուած է թէ Պետրոս Աղքատասէրի կոչուած վանքէն ելած քանի մը Նեստորական վարդապետներ (ԹՂԹ. 81), որոնց անունները ուրիշ տեղ յիշուած են, Թովմաս Կեղծաւոր, Եղիա Փսաղտ որ է սաղմոսերգու, Բնոտ եւ Իբաս(ԿԱՂ. Ա. 230), Աղուանից կողմերը գալով սկսած են սերմանել զչար որոմն անիծելոյն Նեստորի եւ զժողովոյն Քաղկեդոնի (ԹՂԹ. 81), որ հակառակ է երեք սուրբ ժողովներուն: Ասոր վրայ յառաջ կը բերուի, բացատրուած հանգանակ մը, իբրեւ կանոն հաւատոյ, եւ կը նզովուին հին ու նոր մոլորեցուցիչներ, Արիոս, Պօղոս Սամոստացի, Մանի, Մարկիոն, Եւնոմիոս, Եւտիքոս, Ապողինարոս, Նեստոր, Թէոդորոս, Թէոդորետոս, սնոտի ժողովն Քաղկեդոնի, տոմարն Լեւոնի, Իբաս, Ակակ, Բարծումա Մծբնացի եւ Սեւերոս (ԹՂԹ. 83): Եւ որպէսզի Հայոց եւ Աղուանից եկեղեցիներուն հին հաւատակցութիւնը անխախտ պահուի, կ՚ազդարարուի նոյն դաւանութիւնը անփոփոխ պահել, եւ միանգամայն երեք կամ աւելի եպիսկոպոսներ կը հրաւիրուին գալ, եւ ճշմարիտ վարդապետութեան մասին բացատրութիւններ ստանալ (ԹՂԹ. 84): Գաբեղեանի այդ թուղթն ալ օգտակար հետեւանք ունեցաւ, վասնզի Աբաս քննութիւն առնելով իւրովք եպիսկոպոսօք, որ է ըսել ժողով գումարելով, Նեստորական վարդապետները հալածեաց, եւ Աղուանից եկեղեցին ազատեց ի ժողովոյն Քաղկեդոնի ի սնոտի եւ ունայն չարափառաց պղտորմանէն (ԿԱՂ. Ա. 229): Սիւնեաց եւ Աղուանից ղրկուած թուղթերը թուականի ակնարկներ չունին, բայց հաւանական է զայնս 564-էն ետքը թողուլ, երբ Սուրէնի մարզպանութեան ներքեւ համարձակութիւն գտան Խուժաստանի եւ Պարսկաստանի Նեստորականները, որք իրենց պաշտպանութեան կը գործածէին Քաղկեդոնի ժողովին հաստատած երկուութեան կամ երկու բնութեանց վարդապետութիւնը:

378. ԶԱՆԱԶԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Այս երկու թուղթերը ուսումնասիրուած ատեն երեւան կ՚ելլայ Գաբեղեանի անձնաւորութեան արժանիքը, որ իբր արթուն հովիւ իր հօտին վրայ կը հսկէր, եւ իբր հմուտ վարդապետ ուղղափառութիւնը կը պաշտպանէր: Դժբախտաբար մեր պատմագիրներ մանրամասնօրէն չեն գրած իր հայրապետական գործերը, որ կարենայինք աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ տալ: Հատուկտոր յիշատակներով գոհանալու պարտաւորուած, յիշենք նաեւ, ի յայտնութիւն Քրիստոսի քարոզ մը, որուն մէջ աւելի մտադիր եղած է աստուածութեան եւ մարդկութեան միաւորութիւնը բացատրել (ԹՂԹ. 85-89), եւ ուր յայտնապէս կը տեսնուի հմուտ եւ զարգացեալ անձի մը գրիչը: Իր հովուական աշխատութեանց իբր նշան կրնանք յիշել եւս, Երուսաղէմի Հայ կրօնաւորներուն խնդիրը: Ասոնք, իբր 500 անձինք, առաջնորդք եւ միաբանք մենաստանաց եւ խրճիթաւոր միայնակեացք, սկսան նոյն միջոցին Յոյն պատրիարքներուն կողմէն բռնադատուիլ, սակս հաւանելոյ չորրորդ ժողովոյն Քաղկեդոնի, եւ խոստովանութեան երկու բնութեանց (ԱՆԱ. 11), որովհետեւ միւս կողմէն հրաման թագաւորի խստանայր, զի մի բնակեսցին անդր ի Հայոց կրօնաւորաց եւ Յակոբիկ Ասորի կամ յԵգիպտացւոցն (ԱՆԱ. 12): Հայ կրօնաւորներ դիմեցին Յովհան կաթողիկոսին, որ պատասխանեց չհամակերպիլ այդ հրամանին, եւ եթէ հարկ ըլլայ, Երուսաղէմէն հեռանալ, ինչպէս որ շատեր ըրին: Բայց Հայ կրօնաւորներէն մեծ մաս մը նեղութեանց եւ հալածանաց տոկալով համբերեցին եւ մնացին ու իրենց 70 վանքերը պահպանեցին (ԱՆԱ. 9), մինչեւ տիրեցին Տաճիկք աշխարհին Պաղեստինոյ եւ Երուսաղէմի (ԱՆԱ. 12): Յովհաննէս կաթողիկոսի ուսումնասէր ջանից նշան պէտք է ընդունիլ, Էակաց Գիրքին յունարէնէն հայերէնի վերածուիլը, որուն յիշատակարանին մէջ գրուած է, թէ թարգմանուեցաւ հրամանաւ տեառն Յովհաննիսի Հայոց կաթողիկոսի Գաբեղենեցւոյ, ուր Հայոց թուականին ԻԵ կամ ԻԷ տարին կը յիշուի, որ մեզ կը տանի 576 կամ 578 թուականին երբ արդէն Գաբեղեանը մեռած էր: Սակայն եթէ թուատառի սխալ մը չկայ, հնար է ըսել թէ իր կենդանութեան տուած հրամանը մահուընէն ետքը աւարտեցաւ, կամ թէ յիշուած թուականը, ոչ թարգմանութեան այլ գիրքին ընդօրինակութեան տարին կը ցուցունէ (ԳԱՐ. 87): Այսչափով կը պարտաւորուինք փակել Գաբեղեանին հայրապետական գործունէութեան յիշատակները, եւ անցնիլ այն եղելութեանց, որ իրեն վերջին տարիները դառնացուցին:

379. ՇԱՐԺՈՒՄՆ ՈՒ ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Հայաստանի անդորրութիւնը վրդովուած էր 564-էն ետքը, յորմէհետէ Սուրէն մարզպան փոխած էր իր նախորդներուն պահած հաշտարար ընթացքը, հակառակ նոյնիսկ Խոսրով թագաւորին կանխաւ տուած հրահանգներուն: Բայց թէ ինչու Խոսրով, Սուրէնի կառավարութեան կերպն ալ տեսնելով, եւ անոր դէմ եղած գանգատներն ալ լսելով, տակաւին զայն պաշտօնի վրայ կը պահէր, պատմութենէ բացատրուած չէ: Սուրէնեանց գերդաստանին ազդեցիկ դիրքը, գուցէ եւս պահանջկոտ կերպը, կը ստիպէր Խոսրովը զայն իր կեդրոնէն հեռու պահել եւ անոր գործելու ազատութիւն թողուլ: Սուրէն համարձակութիւն ստացաւ ուզածին պէս գործելու, իսկ Հայեր յուսահատ կացութեան մէջ ինկան: Մէկ կողմէն հարստահարութիւններ եւ բռնութիւններ, միւս կողմէն կրակապաշտութեան համար բռնադատութիւններ, ձեռքի տակէն ընդհանուր շարժում մը կը պատրաստէին: Համբերութեան չափը լրացաւ, երբ Սուրէն մարզպան սպաննել տուաւ նախարարներուն գլխաւորներէն Մանուէլ Մամիկոնեանը, Վասակի որդին, եւ Վարդ մարզպանին թոռը: Այս եղեռնը տեղի ունեցաւ Խոսրովի 41-րդ տարին արեգի 22-ին, որ է 571 թուականի Փետրուարի 23-ին, ըստ շարժական տոմարի, եւ ոչ Մարտ 30-ին, ինչպէս հաշուած են ոմանք, հաստատուն տոմարի հետեւելով (ՉԱՄ. Բ. 284): Ասողիկ ալ կը յիշէ Փետրուարը առանց ամսաթիւի (ԱՍՈ. 85): Վրէժխնդրութեան ոգին վառեցաւ Մանուէլի եղբօր` Վարդանի սիրտը, Մամիկոնեանց սեփական նախանձայուզութեան եւ արիութեան արժանաւոր ժառանգ մը: Գունդ մը կազմեց անմիջապէս, եւ Սուրէն մարզպանը յանկարծակիի բերելով սուսերահար սպաննեց, ապստամբութեան դրօշը պարզեց, նախարարական գունդերը գործի հրաւիրեց, եւ հայագունդ բանակին գլուխը անցնելով, Դուին քաղաքը գրաւեց, Պարսիկ գունդերը հալածեց, եւ իշխանութեան տէր կանգնեցաւ: Յովհան կաթողիկոս միացաւ Վարդանի շարժումին, եւ անգամ մըն ալ գործի գլուխ գտնուեցան Վարդան ու Յովհան մը, ինչպէս եղած էին երբեմն Վահան ու Յովհան մը 309), եւ Պարսիկներէն համբարանոցի վերածուած եկեղեցին իսկ այրեց (ՍԵԲ. 48): Խորհած էին կանխաւ Բիւզանդական կայսրութեան ալ դիմել, եւ Յուստինոս Բ. յօժարակամ յանձնառու եղած էր Հայերը պաշտպանել, ամբողջ Հայաստանն ու Վրաստանը իր կայսրութեան կցելու ակնկալութեամբ: Վարդան քաջալերուած գործի սկսաւ իր հայագունդ բանակով: Նախ Վշնասպ զօրավար մը ստիպեց ձեռնունայն ետ դառնալ, եւ յետոյ Միհրան Միհրեւանդակ զօրավարը վանեց, Խաղամախի ճակատամարտին մէջ (ՍԵԲ. 49), աղօթիւք սուրբ հայրապետին (ՎԱՐ. 57)զօրացած, ուր թէպէտ պատմիչ մը Ներսէսի անունը կու տայ (ՎԱՐ. 57), այլ պէտք է անոր յաջորդին Յովհանի անունը կարդալ, ժամանակագրութիւնը ուղղելով: Շարժումը շարունակելու համար Հայեր օգնութեան պէտք ունէին, մինչ Յոյներ կը դանդաղէին, իսկ Պարսիկներ ահեղ զօրութեամբ կ՚արշաւէին Միջագետք եւ Ասորիք եւ Հայաստան: Երբոր անոնք սկսան յաջողիլ, Յովհան ու Վարդան պարտաւորուեցան Հայաստանէ խոյս տալ, եւ Կոստանդնուպոլիս ապաւինիլ, կայսեր օգնութեամբ դառնալու եւ Պարսիկները վանելու ակնկալութեամբ: Այդ նպատակով Յովհան ու Վարդան չուզեցին Յոյներու հետ կրօնական խնդիր յուզել, եւ առանց այս ու այն դաւանութեան խօսքն ընելու, իբրեւ թէ մէջերնին խնդիր եղած չըլլար, թագաւորին հետ հաղորդեցան ըստ օրինաց ` Ս. Սոփիայի նորաշէն մայր եկեղեցւոյն մէջ, եւ այս պատճառով այն դուռը ուսկից Հայերը եկեղեցին մտած են` Դուռն Հայոց կոչուեցաւ, եւ այնպէս ալ մինչեւ ցայսօր կոչի, կը գրէ Ասողիկ (ԱՍՈ. 86): Յոյն պատմիչը կը կարծէ թէ կաթողիկոսն այդ հաղորդակցութիւնը միամտութեամբ ըրած ըլլայ (ՅԱՐ. 113), սակայն յայտնի է թէ կեղծեալ միամտութիւն էր Յոյները շահելու եւ ակնկալեալ օգնութիւնը գտնելու համար (57): Հայերուն Կոստանդնուպոլիս հասնիլը, պէտք է նշանակել 572-ին սկիզբները:

380. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՄԱՀԸ

Յովհանի այդ ուղեւորութիւնը ակնկալեալ արդիւնքը չունեցաւ: Երբոր Հայաստանի մէջ լսուեցաւ թէ Յովհան քաղկեդոնիկ Յոյներու հետ հոգեւորապէս ալ հաղորդուեցաւ, ընդհանուր գանգատներ սկսան խօսուիլ, եւ բոլոր եպիսկոպոսներ սպառնալիքներ յուղարկեցին կաթողիկոսին եւ նրա հետ եղածներին թէ, եթէ դուք կը խառնուիք Սինոդիտների, այսինքն Քաղկեդոնիկներու հետ, եւ նրանց հետ կը հաղորդուիք, մենք ձեզ այլեւս չենք ընդունի, այլ մինչեւ անգամ կը նզովենք (ՅԱՐ. 114): Կաթողիկոսը անգիտակ չէր, նա վաղագոյն իմացեալ էր զհերձուածոյ նոցա չարութիւն (ՄԻԽ. 265), եւ անցաւ որ կերպով ճարտարութիւն մը կ՚ուզէր գործածել: Այլ երբ տեսաւ որ իրենները ձայն կը բարձրացնէին, եւ կայսրն ալ ունայն խոստումներով ժամավաճառ կ՚ըլլար, եւ Պարսիկներուն յաջողութենէն վախնալով ամէն զոհողութեամբ հաշտութիւն կնքելու հետամուտ էր, Յոյներու հետ հաղորդակցութիւնը վերջացուց, կայր առանձինն (ՄԻԽ. 265), կամ աւելի ճշդութեամբ, կաթողիկոսն եւ իրենները Յոյներէ բաժանուեցին եւ առանձին համայնք կազմեցին (ՅԱՐ. 114): Առանձին համայնք մը կազմելու ձեւը, հարկաւ յատուկ եկեղեցի ունենալ ալ կ՚ենթադրէ, եւ կրնանք հետեւցնել թէ այդ թուականէն սկսելով Հայերը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ազգային եկեղեցի ունեցած են: Իսկ Յովհաննէս կաթողիկոս իր երկրին թշուառութեան հետ, իր ձեռնարկին ձախողիլն ալ տեսնելով, սաստկապէս զգածուեցաւ իր ծանրացեալ տարիքին մէջ, տկարութիւնը եւ հիւանդութիւնը զինքը հիւծեցին, եւ անդէն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իր տառապագին կեանքը կնքեց եւ ննջեաց ուղղափառ խոստովանութեամբ (ՄԻԽ. 265), եւ նոյն քաղաքին մէջ թաղուեցաւ (ՅԱՐ. 92), եւ մեծ պատուով ամփոփուեցաւ յուղղափառացն (ՄԻԽ. 265): Կայսեր եւ Յունաց կողմէն Յովհաննէս կաթողիկոսի մահուան եւ յուղարկաւորութեան առթիւ բռնուած ընթացքը գրուած չէ, ինչպէս նաեւ չենք գիտեր թէ ուր թաղուեցաւ Հայ կաթողիկոսին մարմինը, պատմութենէն բնաւ լուսաբանութիւն չունինք, ոչ ալ յետոյ յիշատակ մը գտած ենք: Սակայն Յովհաննէսի իր հակաքաղկեդոնիկ դաւանութիւնը պահելը, հարկաւ վերապահութեան յորդորած է Յունական հայրապետութիւնն ալ, Բիւզանդական արքունիքն ալ: Վարդան Մամիկոնեան իրեն դիրք մըն ալ կազմելու համար, ուղղակի կայսերական բանակին մէջ զօրավարութիւն ստանձնած էր (ԱՍԼ. 263), թէպէտեւ եկեղեցական հաղորդութենէ հեռու կը մնար (ՅԱՐ. 115): Բաւական ատեն չկրցաւ նա արդիւնաւոր գործի ձեռնարկել, որովհետեւ Յուստինոս Բ. ալ Պարսիկներէն հաշտութիւն գնելու պարտաւորուած էր 45, 000 ոսկւոյ ծանր տուգանքով (ԱՍՈ. 263): Այդ հաշտութեան կնքուելուն կամ անոր բանակցութեանց ատեն տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Բ. Գաբեղեան կաթողիկոսին մահը` 573-ին վերջերը կամ 574-ին սկիզբները: