Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄՈՎՍԷՍ Բ. ԵՂԻՎԱՐԴԵՑԻ

381. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԸՆՏՐՈՒԻԼԸ

Ցորչափ Յովհաննէս Գաբեղեան կենդանի էր եւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութեան պաշտպան կը մնար, Հայերը երբեք անոր յաջորդ նշանակել չմտաբերեցին, բայց յիշուած ալ չենք գտներ, թէ աթոռին տիրոջ երկամեայ բացակայութեան միջոցին ո'վ կը վարէր հայրապետանոցին գործերը: Մովսէսի մահուընէ ետքը աթոռոյ պարապութեան միջոցին տեղապահ մը դրուեցաւ գործերը վարելու. տեղապահութեան սովորութիւնը ընդունուած տեսանք նաեւ Ներսէս Պարթեւի ընտրութենէն առաջ 115) եւ քաշուած միջոցին 132), հարկաւ այս առթիւ ալ մէկ մը նշանակուած էր, որ վարէր հայրապետանոցի գործերը, մանաւանդ կատարելապէս տագնապալի օրերու մէջ, որք շարունակեցին Յովհան կաթողիկոսի եւ Վարդան սպարապետի մեկնելէն ետքը: Մովսէս Եղիվարդեցիի անունը եւ ոչ իսկ Յովհանի թուղթերուն մէջ գրուած է, որ կարենանք զայն գործի գլուխ կարծել: Թերեւս այդ պաշտօնը մնաց Տարոնոյ եւ Մամիկոնէից եպիսկոպոս Աբրահամի ձեռքը, որ Յովհանի ներկայութեան ալ գործելու մէջ առաջին դերը կը վարէր: Բայց այս կարծիքը, ենթադրութենէ անդին չ՚անցնիր: Ինչպէս ըսինք Մովսէս կաթողիկոսութենէն առաջ երբեք յիշուած չէ, եւ նախընթացը անծանօթ կը մնայ, Պատմաբանը կ՚ըսէ թէ էր սնեալ եւ ուսեալ ի հայրապետանոցին սրբոյ, եւ կը ներկայէ զայն իբր այր Աստուծոյ (ՅՈՎ. 84), որք գիտութեան եւ սրբութեան արժանիքներ ունենալը կը ցուցնեն, եւ իր երկարատեւ եւ գործունեայ հայրապետութիւնն ալ նոյնը կը հաստատէ: Ծննդավայրն է Արագածոտն, այժմեան Էջմիածին գաւառի Եղիվարդ կամ Եղուարդ գիւղը, որ կը բացատրէ երիտասարդութիւնը հայրապետանոցի մէջ անցընելը: Պաշտօնի կոչուած է նոյնիսկ շփոթ պարագաներու մէջ, որ կարող անձնաւորութեան մը ներկայութիւնը կը պահանջէր: Որչափ ալ 574-ին, Մովսէսի ընտրութեան տարին, Պարսից եւ Յունաց մէջ հաշտութիւն կը կնքուէր, սակայն Հայաստանի կացութեան վրայ որոշ պայմաններ չէին հաստատուած, եւ Հայեր կը շարունակէին իրենց շարժումները, մասնաւոր խլրտումներով զանազան նահանգներու մէջ, որովհետեւ Վարդան Մամիկոնեան բացակայ էր, եւ անոր տեղը բռնող, ամենէն յարգուած եւ ամենուն առաջնորդող գլուխ մը կը պակսէր (ԱՍԼ. 263): Հարկաւ այդ կացութիւնը եւս քանզեւս կը դժուարացնէր Մովսէսի դիրքը, որ պարտաւոր կ՚ըլլար ցրուեալ ոյժերը եւ ինքնագլուխ ձեռնարկները իրարու հետ յարմարելու դժուարին գործը ստանձնել:

382. ԺԱՄԱՆԱԿՆ ԵՒ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Բոլոր հին պատմագիրներ եւ գաւազանագիրներ համաձայն են Մովսէսի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը 30 տարի նշանակել, եւ մենք պատճառ մը չենք գտներ այդ համաձայն եւ համամիտ վկայութինը խախտել: Նորերէն ոմանք պարտաւորուեցան այդ միջոցը 43 տարի բարձրացնել, կարծելով թէ Մովսէսի վերագրուած տոմարի նորոգութիւնը 552-ին կատարուած իրողութիւն մը ըլլայ, եւ Մովսէսն ալ նոյն թուականին աթոռի վրայ ենթադրել պէտք ըլլայ, բայց մենք արդէն յիշեցինք թէ այդ միջոցին Ներսէս Բ. էր Հայոց կաթողիկոսը 372): Ըստ այսմ անխախտ պահելով Մովսէսի 30 տարիները, անոր կաթողիկոսութիւնը 574-էն կը հասնի 604, եւ կը գրաւէ Զ. դարուն վերջին քառորդը եւ քանի մը տարիով կ՚անցնի Է. դարուն մէջ: Այդ միջոցին կը պարունակուին Պարսից Խոսրով Ա. Անուշիրվան թագաւորին վերջին 4 տարիները, Որմիզդ Դ. ի 12, եւ Խոսրով Բ. ի առաջին 14 տարիները: Իսկ Բիւզանդիոյ կայսերական գահին վրայ կը գտնուին, Յուստինոս Բ. մինչեւ 578, Տիբեր 4 եւ Մօրիկ 20 տարի, եւ միջոցը կը փակուի Փոկասի առաջին 2 տարիներովը: Քաղաքական կացութիւնը շփոթ ու խառնակ եղած է յունապարսիկ պատերազմներուն պատճառով, որք առաւելապէս Հայաստանի հողին վրայ կատարուեցան, որ ոչ միայն երկրին աւերման պատճառ եղաւ, այլեւ Հայերը անորոշ եւ տարտամ կացութեան մատնեց: Չէին գիտեր թէ որին տիրապետութիւնը նախադասեն եւ որին կողմը բռնեն, քանի որ երկու կողմերն ալ լաւութեան խոստումներ կ՚առատացնէին հրապուրելու համար, եւ խստութեանց գործադրութիւններ կը շատցնէին զսպելու համար:

383. ՏՈՄԱՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Քաղաքական գործերու եւ անոնց յարակից հայրապետական գործունէութեան չանցած, հարկ կը սեպենք տոմարի նորոգութեան եւ Հայոց թուականին խնդիրը բացատրել, եւ պարզել հին յիշատակներուն մէջ գտնուած տարբերութիւնները: Տոմարական գործողութիւնը այնպիսի հաստատուն կերպով կապուած է Մովսէսի անունին հետ, որ անհնար է զայն անկէ զատել եւ ուրիշ հայրապետի մը անունին հետ միացնել, թէպէտեւ աստ եւ անդ Ներսէսի եւ Յովհաննէսի անունները տուողներ ալ գտնուին: Միւս կողմէն աներկբայ է, թէ տոմարի խառնակութեան պատճառը առաջ եկաւ Անդրէասի երկերիւրեակին սպառելէն 552-ին, եւ զատկական հաշիւներուն այլեւս Անդրէասեան շրջանին չհամապատասխանելէն: Այդ եղելութիւնը մենք ալ յիշեցինք իր կարգին, եւ ըսինք թէ առժամեայ կարգադրութիւն եղաւ զատկական տօնին համար, իննեւտասներեակի կարգին հետեւելով, առանց շրջանի ցուցակ ունենալու 373): Բայց այս շփոթութիւնը Հայոց յատուկ բան մը չէր, եւ ընդհանուր էր բոլոր կայսրութեան եկեղեցիներուն, որոնց Հայերը հետեւողներն էին, իրենց համար յատուկ զատկական կամ քրիստոնէական տոմար մը չունենալով: Նոր շրջան մը կազմելու եւ նոր զատկական ցուցակ ունենալու պէտքը աւելի փութաջան կերպով աշխատցուց Աղեքսանդրիոյ գիտունները, որք ժամանակին առաջնակարգ դիրք ունէին, եւ վերջապէս Անդրէասեան շրջանին լրանալէն ինը տարի ետքը 561-ին, զանազան կողմերէ հաւաքուած 36 գիտուններու ժողով մը, Էաս Աղեքսանդրացիի նախագահութեամբ, կազմեց հինգհարիւրեակը կամ Էասեան շրջանը, որ է 532 տարիներու շրջան մը, ուսկից ետքը Զատկի օրերը նորէն շրջանին գլուխը կը դառնան եւ նոյն կարգով կը շարունակեն: Հինգհարիւրեակի կազմութեան գաղափարը ամենապարզ է: Զատկի օրը երկու տարրներով կ՚որոշուի, մէյ մը լուսնին լրման օրը եւ մէյ մըն ալ շաբթուան օրը, քանի որ կանոն է հարկաւ Կիրակի օր տօնել, եւ ոչ թէ որեւէ օր` որ լուսինը կը լրանայ, ինչպէս էր եւ է հրէական օրէնքը: Լուսնի օրերը կը ցուցուին վերադիրներով, որոնց շրջանը 19-ը թիւ կը պարունակէ, եւ իննեւտասներեակ կը կոչուի. իսկ շաբթու օրերը կը ցուցուին եօթներեակներով, որոնց շրջանը 28 թիւ կը պարունակէ: Արդ պէտք էր այնպիսի մեծ թիւ մը ունենալ` որ թէ 19-ի եւ թէ 28-ի հաւասարապէս բաժանելի ըլլար, որպէսզի երկու շրջաններն ալ կարենային մէկտեղ սկսիլ եւ մէկտեղ վերջանալ: Իսկ այս նպատակին ծառայող ուրիշ թիւ չէր կրնար գտնուիլ, բայց եթէ 19-ին եւ 28-ին իրարու հետ բազմապատկութեան արտադրեալը` որ է 532, եւ այսպէս կազմուեցաւ հինգհարիւրեակի կամ 532 տարիներու շրջանը: Աղեքսանդրիոյ Էասեան շրջանին կազմութիւնը կայսեր ներկայացուելուն վրայ, Բիւզանդական հայրապետութիւնն ալ զբաղեցաւ նոյն խնդիրով, եւ իր գիտուններուն խումբը Իրիոն Բիւզանդացւոյ նախագահութեամբ, որչափ ալ ընդունեցաւ 532 տարիներու շրջանը, բայց լուսնոյ լրումներուն հաշուոյն մէջ չորս տեղ մանր տարբերութիւն մը մուծեց, որով լուսնոյ լրումը փոխանակ Կիրակիին սկիզբը իյնալու, շաբաթ օրուան վերջը կը մնար, եւ այսպէս հնար կ՚ըլլար յաջորդ Կիրակի օրը Զատիկ տօնել, եւ ոչ 7 օր յետաձգել ինչպէս ըրած էր Էասեան հաշիւը (ԿԻՐ. 25): Շրջանին այդ 4 տարիներն են ծռազատիկ կոչուածները, յորս Էասեան Զատիկը Ապրիլ 13-ին նշանակուած է, իսկ Իրիոնեանը Ապրիլ 6-ին, որուն համար ալ ըսուած է թէ Իրիոն պատառեաց զկանոն զատկին (ՍԱՄ. 75): Այդ ծռութիւնը շուտ ալ տեղի ունեցաւ, վասնզի յետ ութ ամի երեւեցաւ եղծումն իրացն (ԿԻՐ. 25), այսինքն է Էասի 561-ին կազմած շրջանէն 8 տարի ետքը, եւ իրօք ալ 570-ին ճշմարտուած է այդ տարբերութիւնը կամ առաջին ծռազատիկը:

384. ՏՈՄԱՐԻ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ

Հայերուն գալով, պարզ պատմութենէն յայտնի կ՚ըլլայ, թէ Հայերը չէին կրնար 552-ին տոմար նորոգել եւ շրջան հաստատել, եթէ նոյնիսկ Աղեքսանդրիա 9 տարի ետքը կրցաւ ելլել այդ աշխատութեան մէջէն: Աւելցուցէ'ք որ յայտնապէս իրենց ընդունածն ալ Էասեան շրջանն էր, եւ հարկաւ Էասի գործին լրանալէն միջոց մը ետքը կրնային անոր մասին լաւագոյն եւ վաւերական տեղեկութիւններ ստանալ, եւ շրջանին կազմութիւնը առձեռն պատրաստ ունենալ: Արդ 561-ին կաթողիկոս էր Յովհաննէս Գաբեղեան, 564-ին սկսան Սուրէն մարզպանի հարստահարութիւնները, 571-ին սկսաւ Վարդանի շարժումը, 572-ին եղաւ կաթողիկոսին փախուստը, հետեւաբար պատմութեան համաձայն է ըսել, թէ մինչեւ որ Գաբեղեան պէտք եղած տեղեկութիւնները ստանար, տոմարական խնդիրներով զբաղելու առիթ չկրցաւ գտնել, եւ Զատիկի տօները շարունակեցին առժամեայ կերպով, առանց հաստատուն ցուցակի: Մովսէս եղաւ, որ հայրապետութեան բարձրանալէն ետքը, իրեն յատուկ նպատակ կազմեց զատկական տօնի կամ տօնական տոմարի գործը միանգամ ընդմիշտ կարգադրել, եւ Հայոց Եկեղեցւոյն համար հաստատուն կանոն մը ունենալ, առանց պէտք ունենալու շարունակ օտարներու կարօտանալ, մուրացիկ իմն առնելով յազգաց ` զպիտանի խորհրդոցն արարողութիւնս (ՅՈՎ. 85): Էասեան շրջանը կազմուած էր արդէն, բաւական էր զայն Հայ Եկեղեցւոյ յարմարցնել, տարեկան տօներն ալ ըստ այնմ կարգադրել, բայց պէտք էր որ հռոմէական ամիսներով կազմուած ցուցակը, հայկական ամիսներու վերածուէր, միանգամայն հռոմէական նահանջաւոր տարիներու հաշիւները փոխանցուէին Հայոց շարժական տոմարին նահանջ չունեցող տարիներուն վրայ, համաձայն Հայկայ շրջանին հաշիւներուն: Այս աշխատութեանց հետ մէկտեղ պէտք էր նկատի առնուլ Էասեան եւ Իրիոնեան շրջաններուն տարբերութիւնը, վերջապէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի համար կատարեալ տոմար մը ունենալ: Ըստ այսմ ի հրամանէ մեծին Մովսէսի, քերթողք եւ գիտունք արուեստին (ՅՈՎ. 85) գումարուեցան Դըւնայ հայրապետանոցը, զոր կրնանք իբր Դըւնայ Գ. ժողով ընդունիլ, եւ 584 թուականին նշանակել: Հայոց գիտուններուն գլխաւորն էր Աթանաս Տարոնեցի, Գլակայ Ս. Կարապետի մայրավանքին առաջնորդը, որ էր տեղեակ տոմարի ամենայն ազգաց (ՍԱՄ. 8), եւ առաջնորդեց բոլոր հաշուական գործողութեանց: Ժողովին կողմէ նախադասուեցաւ Էասի ցուցակը, որ Կիւրեղի եւ Դէոսկորոսի եւ Տիմոթէոսի աթոռին հեղինակութիւնը կը կրէր, զորս կը պատուէր Հայ Եկեղեցին, մինչ Իրիոնի ցուցակը կը պատկանէր Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիին, որ քաղկեդոնականութիւնը հաստատած էր եւ կը պաշտպանէր: Մեզի չէ հասած գրուած մը` որ ցուցնէր թէ ինչպիսի կազմութիւն ունէր այդ առթիւ պատրաստուած կամ նորոգուած տոմարը: Պատմագիրներուն տուած տեղեկութիւններն ալ կցկտուր են եւ դժուարիմաց, եւ ամբողջութիւն մը չեն կազմեր:

385. ՀԱՅՈՑ ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Տոմարի նորոգութենէն զատ նոր թուականի խնդիր մըն ալ կայ, որ Հայոց թիւ կամ Հայոց թուական անունով ճանչցուած է, եւ որուն սկիզբ կը նկատուի 552 տարին: Շիտակը խօսելով այդ թուականը Հայոց թիւ կոչելու բնաւ պատճառ կամ առիթ չկայ, 552 տարին Հայոց համար ոչ նշանաւոր դիպուած մը կայ, եւ ոչ ալ նկատողութեան արժանի պարագայ մը: Թերեւս Հայոց թիւ ըսուելու արժանի ըլլար, Հայոց ընդհանուր լուսաւորութեան կամ Լուսաւորչի թուականը, զոր անգամ մը յիշած է Ասողիկ (ԱՍՈ. 84): Իսկ 552 տարին` պարզապէս Անդրէասեան երկերիւրեակին լրման տարին է, որ Հայոց հետ մասնաւոր առնչութիւն չունի: Երբ Հայեր Էասեան նոր շրջանը սկսան գործածել, ուզեցին զայն Անդրէասեանի հետ կապել, եւ նոր շրջանը անոր աւարտումէն սկսան հաշուել, զոր Կիրակոս կը զգացնէ յառաջ վարեալ զարուեստն Անդրէասի բացատրութեամբը (ԿԻՐ. 25): Ահա այս նոր շրջանին տարիներն են, որ Հայոց թիւ անունը առած են, գուցէ այն պատճառով որ շրջանի հաշուով տարիներ համրել` Հայերու յատուկ սովորութիւն մը եղաւ: Ասկէ աւելի պատճառ մը չենք գտներ 552-է սկսող թուականը Հայոց թիւ անուանելու: Մեր տեսութիւնը կը հաստատուի անով ալ, որ Հայոց թիւ կոչուածը Մովսէսի թուական ալ ըսուած է, կարգադրող կաթողիկոսին անունէն: Ըստ այսմ երբ 532 տարիներու շրջանը լրացաւ եւ նոր շրջան սկսաւ, Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետ տոմարի նոր կարգադրութիւններ ըրաւ եւ Հայոց մէջ Սարկաւագի նոր թուական մը սկսաւ: Ազարիայի թուական ըսուածն ալ 532 տարիներու երրորդ շրջանին սկիզբն է, զայն կարգաւորող Ազարիա վարդապետին անունովը: Այս դիտողութիւնները կը հաստատեն թէ Հայերը սովորութիւն ունեցած են շրջանի տարիները իբր թուական գործածել, եւ Հայոց թիւ ըսուածը` պարզապէս հինգհարիւրեակի շրջանին թուականն է:

386. ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ՍԿԻԶԲԸ

Համաձայն այդ տեղեկութեանց Հայոց թիւ ըսուածը իր 1, 2, 3 եւ յաջորդ տարիները չունեցաւ, այլ երբ Մովսէս տոմարի նորոգութիւնը կատարեց, նոր շրջանի սկզբնաւորութիւնը Անդրէասեանին վերջանալուն կապեց, եւ անոր շարունակութիւնը կոչուեցաւ Հայոց թիւ: Նոր կազմակերպուած տոմարը Հայոց հին շարժական տոմարն էր, ամէն տարի հաւասար 365 օրերով առանց նահանջ տարիներու, եւ միայն 1460 տարիներու Հայկայ շրջանին աւարտելէն ետքը ամբողջ նահանջ տարի մը բացէն աւելցնելով, որպէսզի նաւասարդի 1-ը, որ չորս տարին մէկ օր ետ կը մնար, հռոմէական տոմարին Օգոստոս 11-ին համապատասխանէր: Մենք յիշեցինք թէ 428 տարին Հայկայ շրջանի լրումն ու նահանջ տարի էր 211), այսինքն թէ նաւասարդի 1-ը Օգոստոս 11-ին կը դառնար: Արդ Ղրիմեցիէ ունինք թէ Հայոց թիւին սկիզբը, նաւասարդն, որ տարւոյ գլուխ եդաւ Հայոց եւ սկիզբն թուականին, ըստ Հռոմայեցւոց ամսոյն ի յուլիսի ամսոյ ի 11 եդեալ է եւ յայտնութիւն, այսինքն Յունուար 6-ը, յարացի ամսոյ 30 ն դիպեցաւ, եւ ամն առաջին ամ նահանջի: Արդ այս ամէն պարագաները կատարելապէս կը ճշմարտուին 552-ի վրայ, Յուլիս 11-էն սկսելով ամանորը կամ նաւասարդի 1-ը: Մովսէսի կատարած տոմարի նորոգութիւնը, գրեթէ բոլոր պատմագիրները կը դնեն յամի տասներորդի հայրապետութեան նորա (ՅՈՎ. 85, ՈՒԽ. Բ. 6, ՎԱՐ. 57), որ կը պատասխանէ 584 ին, Մօրիկի կայսրութենէն ետքը Պարսիկներու հետ խաղաղութիւն հաստատուած միջոցին, ինչպէս պիտի տեսնենք, եւ յարմար կու գայ այսպիսի գործ մը կատարելու համար պէտք եղած հանդարտութեան: Բայց չեն պակսիր նաեւ կարծողներ, թէ տոմարի նորոգութիւնը կատարուեցաւ 574-ին Մովսէսի կաթողիկոսանալէն անմիջապէս ետքը: Մենք կը նախադասենք 584-ին դնել նորոգութիւնը, երբ նաւասարդի 1-ը կամ ամանորը կ՚իյնար Յուլիս 3-ին, իսկ 574 ին դնելով պիտի իյնար Յուլիս 6-ին: Հայոց թիւն ալ 584 ին հաստատուած ատեն, անմիջապէս 33 թուականով սկսած կ՚ըլլայ, սկիզբը 552-էն համրելով: Տոմարագիտական յօդուած գրելու նպատակ չունենալով, պատմական տեղեկութեանց լրման համար տուած բացատրութիւննիս բաւական կը սեպենք:

387. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ Մովսէս աթոռ բարձրացաւ, երկու տարի էր որ Հայաստան անկերպարան վիճակ մը ունէր, Յոյներ եւ Պարսիկներ իրարու հետ կը պատերազմէին, Հայերն ալ Պարսիկներու դէմ շարժումնին կը շարունակէին, Յոյներուն կողմը կը միտէին, բայց կատարելապէս ալ Յոյներուն չէին հպատակիր: Աւելորդ է շեշտել թէ Պարսկական բաժինին Հայերու վրայ է խօսքերնիս, եւ ոչ արդէն Յոյներուն հպատակ բաժինին վրայ: Մովսէսի ընտրութեան տարին, 574-ին, հաշտութիւն մը կնքուեցաւ երկու պատերազմող պետութեանց մէջ, բայց տեւական չեղաւ: Միհրան Մեհեւանդակ, որ Հայաստանի մարզպան էր նշանակուած, պատերազմը նորոգեց, որուն դէմ ելաւ Մարկիանոս կայսերական զօրաց հրամանատարը, իրեն հետ ունենալով Վարդան Մամիկոնեանը` օժանդակ գունդերու զօրավար, եւ Յովհան պատրիկը` Յունական Հայաստանի կուսակալ: Միհրան տկար կը մնար թշնամւոյն բաղդատութեամբ, եւ Խոսրով նոր բանակով օգնութեան եկաւ, եւ Միջագետքի ճամբով մինչեւ Մելիտինէ ու Սեբաստիա յառաջացաւ, բայց յունական եւ հայագունդ բանակները զօրացան, եւ Խոսրով մազապուրծ փախուստի պարտաւորուեցաւ, յաղթականին ձեռքը թողլով իր թագուհին եւ մարգարտազարդ վրանը, ինչպէս նաեւ մովպետան մովպետը եւ նուիրական Աթաշը, զորս Յոյները Եփրատի մէջ հեղձուցին, շատ մը պարսիկ մեծամեծներու հետ (ՍԵԲ. 50): Այդ վերջին եղելութեանց թուական կը նշանակուի 576 տարին (ԱՍԼ. 263): Յոյներու յաջողութիւնը տեւական չեղաւ, եւ իրենց մէջ ներքին երկպառակութիւններ ծագեցան, Մարկիանոս ապստամբեցաւ եւ ետ կանչուեցաւ, եւ անոր յաջորդեց Թէոդորոս, որ Պարսիկներուն նոր արշաւանքին դիմաց տեղի տուաւ, եւ անոնք ալ պատեհ գտան ամէն տեսակ նեղութիւն հասցնել Հայաստանի (ԱՍՈ. 86): Բիւզանդիոնի մէջ Յուստինոս տկարացած էր ախտերով եւ գործերը անցած էին Սոփիա կայսրուհւոյն ձեռքը, որուն խորհուրդով կայսերակից անուանուեցաւ Տիբեր, եւ 578-ին Յուստինոսի յաջորդեց: Թէոդորոսի զօրավարութեան ներքեւ եւսքանզեւս տկարացան Յոյները, եւ Պարսիկներ զօրացան, բայց Խոսրով ծերացած ու յոգնած, ուզեց խաղաղութիւն հաստատել, Յոյներէն պահանջելով իրեն յանձնել փախստական Հայ նախարարները: Բիւզանդիոն չհաւանեցաւ եւ Պերգամա քաղաքը յատուկ հայկական գաղութ մը կազմուեցաւ, ուսկից նշանաւոր զօրավարներ եւ կայսրներ ալ ելան: Խոսրով Հայաստանի համար ալ հաշտարար ընթացք մը բռնեց ընդհանուր ներում շնորհելով, եւ խաղաղասէր մարզպան մը նշանակեց, Վղոնճիհր Միհրան անուն, բայց շատ չտեւեց ինքն ալ մեռաւ 579-ին, եւ իրեն յաջորդեց իր որդին Որմիզդ Դ.: Պատմութիւնը յատուկ գործունէութիւն եւ արդիւնք կ՚ընծայէ Մովսէս կաթողիկոսի, Խոսրովի ցասումը իջեցնելու եւ հաշտարար տրամադրութիւններ ներշնչելու, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդը փոքրիշատէ հանդարտութեան եւ համակերպեալ հպատակութեան յորդորելու մէջ: Եօթն տարիներ, 571-է 578, շարունակ եւ անպտուղ շփոթութեանց եւ աւերմանց մէջ անցեր էին, Վարդան Մամիկոնեանի շարժումէն ի վեր: Խոսրովի վերջին օրերուն մէջ քրիստոնէից, եւ յատկապէս Հայերու հանդէպ ցոյց տրուած քաղցրութիւնը, առիթ տուաւ անոր վերջին վայրկեաններուն մէջ քրիստոնէութիւն ընդունած եւ մկրտուած ըլլալուն զրոյցին, որուն մեր պատմիչներն ալ արձագանգ եղած են (ՍԵԲ. 52, ԱՍՈ. 114):

388. ՊԱՐՍԻԿՆԵՐ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐ

Որմիզդ հօրը յաջորդելով նորէն Յունաց դէմ յարձակումները նորոգեց, բայց յաջողութիւն չունեցաւ: Յունական բանակին գլուխը անցած էր Մօրիկ, որ եւ Մաւրիտիոս, Հայազգի զօրավարը, որ մինչեւ իսկ Դուինը առաւ, եւ Մարական գաւառները մտաւ, եւ հետզհետէ վանեց Պարսից Վահրամ Պահլաւ եւ Տամ-Խոսրով անուանի զօրավարները, եւ յաղթական փառքով Բիւզանդիա դարձաւ, Տիբեր կայսեր փեսայացաւ, եւ անոր տարաժամ մահուընէ ետքը կայսր հռչակուեցաւ 582-ին: Արտաքինք իրեն ծննդավայր կը նշանակեն Փոքր Հայոց Արաբիսոնը, այժմ Եարբուզ, իսկ մերայինք Արարատայ Օշականը (ԿԻՐ. 27): Որմիզդ պարտաւորուեցաւ հաշտութիւն խօսիլ, եւ երկուստեք թշնամութիւններ դադրեցան ժամանակ մը, որ ատեն Մովսէս կաթողիկոս ջանաց փոքրիշատէ կարգաւորել աթոռին գործերը, տոմարի նորոգութեան գործը լրացուց 385), եւ երկրին շինութեան յորդորեց ժողովուրդը, ու դարմանեց անցեալ շփոթութեանց աւերածները: Այսպէս անցան քանի մը տարիներ մինչեւ 590, որ միջոցին Վղոնճիհրէ ետքը մարզպանութիւն վարած կը յիշուին, Տամ-Խոսրով 2 տարի, Վարազ Վզուր 1 տարի, Վահրամ Պահլաւ 5 տարի, Հրահատ 4 ամիս, եւ Դատան Հարարտին 2 տարի (ՍԵԲ. 59-60), Որմիզդ իր ընթացքով ատելի եղած էր ամենուն, բայց պատեհ մը պէտք էր ատելութեան պոռթկալուն: Վահրամ Պահլաւ, որ եւ Վահրամ Չոբին կամ Վահրամ Մեհեւանդակ, Կովկասային Մասքութներու վրայ մեծ յաղթութենէ մը ետքը, Որմիզդի ղրկած էր աւարաբաժինը, որ գոհ չմնաց, եւ սկսաւ պահանջումները սաստկացնել, եւ այս պատճառ եղաւ ներքին երկպառակութեանց: Յոյներ առիթէ օգտուելով նոր յարձակումներ կազմակերպեցին Ատրպատականի վրայ, եւ Որմիզդ ուզեց վատաբար փախչիլ թագաւորական գանձը տանելով: Պարսիկ նախարարներ եւ զօրավարներ միաբանեցան Որմիզդը սպանել, եւ որդին Խոսրովը թագաւորեցնել, բայց անդին Կովկասի բանակը Վահրամն էր թագաւոր հռչակած, որ յաղթական կերպով Տիզբոն մտաւ, եւ գահը գրաւեց: Իսկ Խոսրով իր Վնդոյ եւ Վստամ քեռիներուն հետ, որ շարժումին գլուխ էին եղած, պարտաւորուեցաւ Տիգրիսը անցնի եւ Մօրիկ կայսեր պաշտպանութիւնը խնդրել մեծամեծ խոստումներով (ՍԵԲ. 54-58): Մօրիկ պաշտպանութիւնը ստանձնեց հակառակ իր արքունեաց խորհուրդին, Փիլիպպիկոս դեսպան ղրկուեցաւ, եւ Յովհան պատրիկ եւ Ներսէս Հայկազն զօրավարներ հրաման ստացան Խոսրովը թագաւորեցնել, որք եւ յաջողեցան իրենց օգնական ունենալով հայագունդին հրամանատար Մուշեղ Մամիկոնեանը: Խոսրով Բ. Պարուէզ, խոստումին հաւատարիմ, Յոյներուն թողուց Միջագետքէն Դարա եւ Նփրկերտ ամուր քաղաքները, եւ Հայաստանէն մաս մըն ալ մինչեւ Երասխի եւ Վանայ լիճին եզերքները, որով Պարսից բաժինը կը փակուէր Արարատ եւ Վասպուրական նահանգներու մէջէն անցնող գիծով մը (ՍԵԲ. 96):

389. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԱԳԱՐԱՆՑԻ

Այդ ամէն եղելութիւնները Հայոց համար անտարբեր չէին կրնար ըլլալ, քանի որ թէ պատերազմները եւ թէ սահմանագլուխներու փոփոխութիւնները իրենց երկրին վրայ կը կատարուէին: Բայց Պարսից բաժինին մէջ եղողներուն համար յաջողութիւն կը համարուէր Խոսրովի գահակալելը, որ քրիստոնեայ կին ալ ունէր, Խուժաստանցի Շիրինը, եւ անոր ազդեցութեամբ նպաստաւոր կը լինէր ուղղափառ քրիստոնեաներուն (ՍԵԲ. 76): Իսկ Յունական բաժինին մէջ Հայկական գաւառներուն ընդարձակուիլը, եւ նոյնիսկ Մօրիկի Հայ սերունդ լինելը, Բիւզանդական կայսրութիւնը կը քաջալերէր Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոնն ալ իրենց կողմը անցած կարծել, եւ կաթողիկոսական աթոռը այս կողմ անցնել: Ասկէ տարբեր պատճառ մը չենք կրնար նշանակել Մօրիկի այն որոշման, որով 590-ին, Հայ կաթողիկոս մը կը հաստատէր յունական բաժինին մէջ: Ընտրեալն էր Յովհաննէս եպիսկոպոս մը, Կոգովիտ գաւառի Բագարան գիւղէն, Արշարունեաց նշանաւոր Բագարանէն տարբեր գիւղ մը: Նոր կաթողիկոսին աթոռը հաստատուեցաւ յունական բաժինին վերջին սահմանին վրայ Աւան կոչուած քաղաքը, գրեթէ դէմ յանդիման Դըւնայ հայրապետանոցին, որովհետեւ Ազատ գետն էր որ երկու տէրութեանց Հայկական բաժինները եւ երկու կաթողիկոսարանները կը զատէր: Այդ Յովհաննէսը շատերէն կաթողիկոսներու շարքին մէջ նշանակուած է, եւ Յովհաննէս Գ. անունով` նորերն ալ զայն իրենց ցուցակներուն մէջ մուծած են, ինչ որ մենք պիտի չկարենանք ընդունիլ, որովհետեւ միեւնոյն աթոռին վրայ միեւնոյն ատեն երկու օրինաւոր աթոռակալներ տեսնել` բացարձակապէս անհնար է: Արդ յայտնի է թէ երբ Յովհան Մօրիկի իշխանութեամբ կաթողիկոս կը հռչակուէր, Մովսէս Բ. 16 տարիէ ի վեր հայրապետական աթոռը կը վարէր, այնպէս որ Մօրիկ չէր կրնար Կոստանդնուպոլիս վախճանող Յովհաննէս Բ. Գաբեղեանի յաջորդ մը տալու պատրուակն ալ գործածել: Հետեւաբար Յովհան հակաթոռ մըն է կանոնական տեսակէտէն, եւ անհնար է անոր անունը օրինաւոր կաթողիկոսներու ցուցակին մէջ ընդունիլ: Յովհաննէս Պատմաբանն ալ կը հաստատէ թէ Յովհան հակառակաթոռ գոլով յերկուս հատուածս ճեղքեալ լինէր միատարր միութիւն հայրապետական աթոռոյն (ՅՈՎ. 94): Կրնայինք ընդունիլ թէ Յովհան եղած ըլլայ այր ճշմարիտ եւ արդար եւ առաքինի ի վարս (ՅՈՎ. 94), եւ այր սուրբ ընտրեալ յամենեցունց (ՎԱՐ. 60), այսինքն իր անհատական կեանքին մէջ արտաքին սրբութեան եւ առաքինութեան նշաններ ունեցող մը, սակայն դժուար է ճշմարիտ առաքինութեան սկզբունքին հետ հաշտեցնել եկեղեցւոյ երկպառակութեան գործիք դառնալը, բայց եթէ ծանր միամտութիւն ենթադրելով իր վրայ: Յովհաննէս Պատմաբան կ՚ուզէ վստահեցնել թէ Յովհան չէր բնաւ ոչինչ շեղեալ զկնի քաղկեդոնական աղանդիցն (ՅՈՎ. 94): Սակայն մեր կարծեօք հնար չէ այդ պարագան հաստատել: Կրնար ըլլալ որ Մօրիկ իր կայսրութեան Հայերը շահելու համար, անոնց դաւանակից մը ընտրած ըլլայ իբր կաթողիկոս, սակայն հետագայ եղելութիւնք հաւանական չեն ցուցներ նոյնպէս շարունակելը: Օրբէլեան կը վկայէ թէ Յունաց կողմէն կը շարունակէին Քաղկեդոնի դաւանութիւնը ընդունիլ տալու բռնադատութիւնները, եւս առաւել ի թագաւորելն Մօրկայ, եւ թէ այդ պատճառով ժողովներ գումարուեցան մի անգամ ի Կոստանդնուպոլիս, եւ երիցս անգամ ի Թէոդուպոլիս, որ է Կարին, եւ թէ Հայերը հաւանեցնելու համար ուժգին մեծամեծ հարցափորձութիւնք լինէին (ՕՐԲ. Ա. 143): Արդ, ինչպէ՞ս ընդունիլ որ հակաքաղկեդոնիկ մնացող մը` կրցած ըլլայ Մօրիկի պաշտպանութիւնը վայելել: Որչափ ալ կարեւոր ըլլայ Պատմաբանին վկայութեան կշիռը, մենք պիտի պնդենք Յովհան Բագարանցին քաղկեդոնական դաւանութեան համակերպող եւ հետեւող մը ըսել, մեզի հիմ ունենալով Սեբէոսի վկայութիւնը, թէ Յովհան ընդ նոսա, այսինքն ընդ Յոյնս հաղորդեալ միաւորեցաւ (ՍԵԲ. 87): Աւելի յստակ կը գրէ Ուխտանէս, թէ նստուցին ի կողմն Հոռոմոց, հակառակաթոռ Մովսիսի, զՅովհան ոմն երկաբնակ, որ ոչ համարեցաւ ի թիւ հայրապետացն Հայոց (ՈՒԽ. Բ. 63):

390. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Վերը յիշուած ժողովները միութենական փորձեր էին, որոնց մեծ հոգածութեամբ կը հետեւէր Մօրիկ, եւ Պարսից վրայ ստացած ազդեցութեան, եւ Խոսրովին իրեն հանդէպ ցուցուցած կամակատարութեան վստահանալով, կը յուսար Պարսից բաժինի Հայութեան եւ Մովսէս կաթողիկոսի վրայ ալ ազդեցութիւն գործածել: Ժողովները կը գումարուէին գլխաւորապէս յունական բաժինին եպիսկոպոսներով: Աւելի նշանաւոր է Կոստանդնուպոլսոյ ժողովը, զոր Անեցին 589-ին կը դնէ (ՍԱՄ. 76), սակայն աւելի ուշ պէտք է դնել, որովհետեւ Մուշեղի Պարսից կողմէն հեռանալէն ետքը գումարուած է (ՉԱՄ. Բ. 531): Յոյն եպիսկոպոսներուն հետ գտնուած են 21 Հայ եպիսկոպոսներ, որք Փոտի վկայութեամբ, Քաղկեդոնի վարդապետութիւնը ընդունած կ՚ըլլան (ՉԱՄ. Բ. 531), ինչ որ զարմանալի չէ, քանի որ կայսրութեան հպատակ գաւառներէն էին, եւ համակերպութեան կը բռնադատուէին: Սակայն Մովսէս կաթողիկոսի պատուիրակները, Վրթանէս եւ Գրիգոր մեծ վարդապետները, որք Յունաց հպատակ եւ այդ համակերպութեան պարտաւոր չէին, Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը պաշտպանեցին, կամ ինչպէս Անեցին կ՚ըսէ, ոչինչ օգտեցուցեալ զՅոյնս դարձան նզովելով (ՍԱՄ. 76): Եւ ասով Հայոց Եկեղեցին եւ հայրապետական աթոռը ամենեւին խախտած չեղաւ իր վարդապետութենէն: Այստեղ յիշուած Վրթանէս վարդապետը անշուշտ միեւնոյնն է, որ Մովսէսի կաթողիկոսութեան ատեն անոր օգնականն ըլլալով, մահուընէ ետքը աթոռին եռամեայ պարապութեան ատեն տեղապահութիւնը վարեց: Մեզի հասած է Սորմենաս ստրատելատի մէկ գիրը, ուղղուած Վրթանէս վարդապետի, Քչկանորդի մականունով եւ Տերանց նուիրակ պատուանունով: Վերջին կոչումը կը յիշեցնէ կաթողիկոսական պատուիրակ երթալը, եւ կը հաստատէ տեղապահ Վրթանէսի Քչկանորդի մականուն ունեցած ըլլալը: Իսկ Սորմենաս, իր ստրատելատ եւ Հայոց զօրավար անուններով, իբր Յունական Հայաստանի զինուորական հրամանատար կը մատնանշուի (ԹՂԹ. 90): Այս գրոյն պարունակութիւնը Մովսէսի մահուընէ ետքի ժամանակին պատկանելուն, իրեն կարգին պիտի վերլուծենք: Իսկ Գրիգորի վրայ բնաւ տեղեկութիւն մը չենք գտներ, ով ըլլալը որոշելու համար: Նմանապէս մեզի անծանօթ կը մնան Թէոդոպոլսոյ երեք ժողովները, որք Մօրիկի ատեն գումարուած են, եւ որոնց նպատակը եղած է քաղկեդոնական դաւանութեան ստիպել Յունական բաժինին Հայ եպիսկոպոսները: Որովհետեւ եթէ եպիսկոպոսներու մէջ եղած է մաս մը համակերպելու պատրաստ, ընդդիմադիրներու մաս մըն ալ գտնուած է, որոնք առ ոչինչ համարեալ զհրամանն ` զտեղի կալան եւ անշարժ մնացին (ՍԵԲ. 87): Ասոնց գլխաւորները կը նկատուին Մանասէ Բասենոյ եւ Յովհաննէս Ամատունեաց եպիսկոպոսները (ԹՂԹ. 109): Այդպիսի կացութեան մէջ ակներեւ է, թէ Մօրիկի ընտրած եւ պաշտպանած կաթողիկոսը, Բագարանցի Յովհաննէսը, չէր կրնար համակերպողներուն թիւէն չըլլալ: Եթէ առաջուընէ Յովհան Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը ունեցած ալ էր, սակայն զայն հաստատապէս պահած չէ, ինչպէս Սեբէոս ալ կը վկայէ:

391. ՄՕՐԻԿ ԵՒ ԽՈՍՐՈՎ

Մուշեղ Մամիկոնեան, որ յունական բանակին հետ Խոսրովի պաշտպանութեան համար պատերազմեցաւ, քանիցս հրաւէր ստացած էր Վահրամէ, իրեն հետ միանալ Սասանեան հարստութիւնը վերջացնելու (ՍԵԲ. 63-66), մինչեւ իսկ երդմամբ խոստանալով թէ ձեզ տուեալ լիցի իմ զՀայոց թագաւորութիւն (ՍԵԲ. 64): Սակայն Մուշեղ չէր հաւանած, Խոսրովի կողմին զօրութիւնը տեսնելով, եւ անոր ձեռքով մարզպանութեան հասնելու եւ իր հայրենեաց օգտակար ըլլալու յոյսով: Սակայն քսութիւններ կանխեցին, իբր թէ Մուշեղ օգնած ըլլայ Վահրամի փախչելուն (ՍԵԲ. 69), որով Խոսրով մտածեց նենգութեամբ սպաննել Մուշեղը, այլ չյաջողեցաւ խորհուրդը գործադրել, եւ Մուշեղ ու Յոհան պատրիկ Խոսրովը ամբաստանեցին ալ Մօրիկի առջեւ: Սակայն Մօրիկ շարունակեց Խոսրովը պաշտպանել (ՍԵԲ. 75): Մուշեղ յունական կողմը անցնելով` իր դաւանութիւնը չուզեց փոխել, հարկաւ միտք ունենալով նորէն ետ դառնալ: Մօրիկ ինչչափ ալ Մուշեղը իր բանակին մէջ զօրավարութեան նշանակեց, բայց միւս կողմէն խորհուրդ տուաւ Խոսրովի` Հայ գունդերը Հայաստանէն հանել, զի ազգ մի խոտոր եւ անհնազանդ են, ասէ, կան ի միջի մերում եւ պղտորեն (ՍԵԲ. 79): Ինքն իր կողմինները հաւաքեց ու Թրակիա անցուց Աւարներու դէմ պատերազմելու, Խոսրով ալ իրենները Մարաստանի եւ Բակտրիոյ կողմերը հեռացուց: Ասկէ յառաջ եկաւ նախարարներուն մէջ շփոթ մը, մէկ կողմէ միւսը փախչելով ազատելու համար, թէպէտ ապաստանած կողմերնուն վրայ ալ մեծ վստահութիւն չունէին: Խոսրով առաջ իրեն եկողներուն սիրալիր ընդունելութիւն ցուցուց, բայց երբ Հայերը տեսան թէ Վասպուրական Համարակար վրանին կը ղրկուի, անոր վրայ քալեցին եւ զարկին եւ գանձերը գրաւեցին: Այսպէս սկսաւ նոր շարժում մը, որուն գլուխը կը գտնուէին Սամուէլ Վահեւունի, Ատատ Խորխոռունի, Մամակ Մամիկոնեան, Ստեփանոս Սիւնի, Կոտիտ Ամատունի, եւ Թէոդորոս Տրպատունի (ՍԵԲ. 81): Խոսրով նոր բանակ պատրաստեց այդ շարժումին դէմ: Մօրիկի ալ դիմեց որ Հերակլ զօրավարին հրամայեց օգնութեան երթալ: Հայեր շփոթեցան եւ զատուեցան, Մամակ եւ Ստեփանոս եւ Կոտիտ` Պարսիկներուն կողմը անցան, Սամուէլ եւ Ատատ եւ Թէոդորոս Յոյներուն հնազանդեցան (ՍԵԲ. 82): Բայց նորէն չհանդարտեցան: Սամուէլ իր Վահեւունի ազգակիցներով` որք էին, Սարգիս, Վարազ, Ներսէս եւ Վստամ, եւ Տրպատունին Թէոդորոս, նորէն խլրտեցան, եւ ուզեցին Յոյն կառավարիչը սպաննել Կարնոյ ջերմուկին մէջ, բայց չյաջողելով Կորդուաց լեռները ապաստանեցան: Այնտեղ վրանին հասան Հերակլ կայսերական կուսակալ եւ Համազասպ Մամիկոնեան հայագունդին զօրավար, եւ Ջերմայ գետեզերքին վրան փախստականները զարկին: Վահեւունիներէն Սամուէլ եւ Ներսէս եւ Վստամ պատերազմին մէջ ինկան, Սարգիս եւ Վարազ գերի իյնալով գլխատուեցան, իսկ Թէոդորոս Պարսից սահմանը անցնելէ ետքը բռնուեցաւ եւ Յոյներու յանձնուեցաւ: Մօրիկ նոր զօրաժողով մը ըրաւ Հայաստանէն, եւ Թրակիա անցուց Մուշեղ Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ: Կայսերական գունդերը առաջին յաղթութենէն հրապուրեալ թշնամիներուն երկիրները մտան մինչեւ յայնկոյս գետոյն Դանուբայ, բայց տեղերը չճանչնալով ծուղակներու մէջ ինկան եւ կոտորուեցան: Այդ առթիւ բազմութիւն նախարարացն եւ զօրացն Հայաստանեայց կորսուեցան, նոյնինքն Մուշեղ գերի ինկաւ եւ սպաննուեցաւ բարձրաբերձ տնկոյ անտառին կապուելով (ՍԵԲ. 86): Այդ միջոցին միակ բախտաւորն եղաւ Ատատ Խորխոռունին` որ կայսերական պատիւներու արժանացաւ(ՍԵԲ. 83):

392. ՄՈՎՍԷՍԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Որչափ ալ մեր յառաջ բերած եղելութիւնները աւելի քաղաքական գոյն ունին, սակայն եկեղեցական պարագաներու հետ կապակցեալ են, քանի որ Յունաց եւ Հայոց մէջ տիրող երկպառակութեանց հիմնական պատճառը Քաղկեդոնի դաւանական խնդիրն էր: Հայաստան եղող Յոյներուն ծանր էր որ Հայեր իրենցմէ, իբր հերձուածողներէ կը խորշէին, իսկ Հայերուն համար ալ անտանելի էր որ Յոյներ զիրենք դաւանափոխութեան կը բռնադատէին, եւ ասկէ կը ծագէին անընդհատ խլրտումները: Մօրիկի յաջողութեանց հետեւանքը այն կ՚ըլլայ, որ հրաման ելանէ դարձեալ ի կայսերէն վերստին քարոզել զժողովն Քաղկեդոնի յամենայն եկեղեցիս Հայաստան երկրի (ՍԵԲ. 87), ինչ որ հարկաւ երկիրը հանդարտելու եւ ժողովուրդը շահելու միջոցը չէր: Յոյներ իրենց յարձակումներուն եւ Պարսից օգնութեան երթալնուն առթիւ, մինչեւ իսկ համարձակած էին, որ սպասք ամենայն եկեղեցւոյն որ ի Դըւնի Սրբոյն Գրիգորի, այսինքն է հայրապետական կաթողիկէին գանձերը, տեղէն վերցուին եւ տարուին զետեղուին ի Կարնոյ քաղաքի, որ պատերազմական շփոթութիւններու ժամանակ, Յովհան Բագարանցիի սովորական բնակավայրն եղած էր, իբր ամրացեալ եւ ապահով քաղաք (ՍԵԲ. 87): Դիւրին է մտածել թէ որպիսի դժուարութեանց եւ հրապուրանաց եւ բռնադատութեանց ներքեւ կը գտնուէր Մովսէս, ցորչափ Մօրիկ զօրաւոր դիրք մը կազմեր էր Խոսրովի շնորհապարտ գործակցութեամբ: Հրապուրանք կամ լաւ եւս բռնադատութիւնք կը շարունակէին անընդհատ, բայց Մովսէս ամենեւին ոչ լինէր ի նոսա հուպ (ՍԵԲ. 87) եւ կը մերժէր անցանել ընդ գետն Ազատ, ուտել ի պատարագի զեփեալն ի փռան եւ ըմպել զջերմ բաժակն (ԱԿԻ. 120): Այս լակոնիկ բացատրութիւնը բաւական է Մովսէսի ուղղութիւնն ու հաստատամտութիւնը ցուցնելու: Դուինի մէջ, ուր էր հայրապետանոցը, կը շարունակէր Պարսից կառավարութիւնը մարզպաններու ձեռօք, որոնց լոկ անունները միայն կը գտնենք յիշուած, եւ են` Վնդատական, Խորական կամ Նիխորական, Մերկուտ կամ Մերակբուան, Յազդէն, Բուդմահ եւ Հոյիման կամ Յեման (ՍԵԲ. 60 եւ 112): Անուններու շատութիւնն իսկ կը ցուցնէ թէ շուտ շուտ կը փոփոխուէին, առանց նշանաւոր գործունէութիւն մը ունենալու: Այդ Պարսիկ մարզպաններուն անունները ունինք Սեբէոսէ, որ աւելի ճշգրտապատում գրող է: Իսկ հետագաներ Հայ մարզպաններ կը դնեն այդ միջոցին: Մամիկոնեան պատմիչը կը յիշէ Մուշեղի Խոսրովէ մարզպան հաստատուիլը եւ թէ այդ պաշտօնին վրայ էր մինչեւ Որմիզդի սպանութիւնը (ՄԱՄ. 13): Իսկ Ասողիկ կը գրէ թէ Սուրէն մարզպանի Վարդան Մամիկոնեանէ սպանուելէն ետքը, Խոսրով ոչ եւս պարսիկ մարզպան առաքէր ի հայս, եւ թէ Դաւիթ Սահառունի 30 տարի վարեց այն պաշտօնը (ԱՍՈ. 87), որ 572-էն կը հասնի 602-ին: Այլ մենք չենք հաւանիր Սեբէոսի տուած պարսիկ մարզպաններուն անունները ջնջել, եւ Մամիկոնեանն ու Ասողիկն ալ ստած չըլլալու համար, կը դիտենք թէ Մուշեղ ալ Դաւիթի նման պարզապէս կալաւ զհազարապետութիւնն Հայոց (ԱՍՈ. 87), որ մարզպանութենէ տարբեր պաշտօն է, եւ Հայ հազարապետ մը միշտ գտնուած է մարզպաններուն մօտ: Իսկ Յունական բաժինին կառավարութիւնը Մօրիկի կարգադրութեամբ բազմաթիւ գաւառներու բաժնւած էր, որք էին Առաջին Հայք` գաւառագլուխ Մելիտինէ, Երկրորդ Հայք` գաւառագլուխ Սեբաստիա, Երրորդ Հայք` գաւառագլուխ Կեսարիա, Չորրորդ Հայք` գաւառագլուխ Նփրկերտ, Մեծ Հայք Հիւսիսային` գաւառագլուխ Տրապիզոն, Մեծ Հայք Արեւելեան` գաւառագլուխ Թէոդոսուպոլիս, Մեծ Հայք Հարաւային` Բասէնէ Ասորեստան, Խորագոյն Հայք` Տայոց սահմանները, Ներքագոյն Հայք` Արարատի կողմերը (ՅՈՎ. 88): Այս բաժանմունքներուն անունները կը տարբերէին հին անուններէն (ՅՈՎ. 89), բայց այս կերպով աւելի ընդարձակութիւն կը ստանար Հայաստան կոչուած աշխարհը, գուցէ այս ալ Մօրիկի Հայ լինելուն հետեւանք էր: Այս ամէն գաւառներուն վրայ կայսերական մեծ պաշտօնեայ մը կար, եւ Հայ նախարար մըն ալ հայագունդին հրամանատար: Վերջին անգամ այդ պաշտօններու վրայ տեսանք Հերակլ ստրատելատը եւ Համազասպ Մամիկոնեանը 391): Այդ եղելութիւնները, զորս պատմեցինք, պէտք է նշանակել Խոսրովի առաջին տարիներուն մէջ, 590-է մինչեւ 594 թուականը:

393. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԳՈՐԾԵՐԸ

Նոր զօրաժողով մըն ալ ըրաւ Մօրիկ 595 տարւոյ ատենները որ է Խոսրովի 6-րդ տարին (ՍԵԲ. 92), եւ երկու գունդեր մեկնեցան Յունական Հայաստանէն` Սահակ Մամիկոնեանի եւ Սմբատ Բագրատունիի հրամանատարութեամբ (ՍԵԲ. 88): Սահակ շիտակ կը հասնի Բիւզանդիա, իսկ Սմբատ միտքը կը փոխէ, եւ հազիւ նոր խոստումներով կայսերական քաղաքը կ՚երթայ, եւ կ՚արտօնուի իր երկիրը դառնալ, ուր Յոյները նշկահելու խորհուրդներ կ՚ունենայ, եւ այս պատճառաւ ձերբակալեալ` Կոստանդնուպոլիս կը տարուի, եւ գազանաց առջեւ նետուելու կը դատապարտուի (ՍԵԲ. 89): Սմբատ, այր անհեթեթ անձամբ, բարձր եւ լայն հասակաւ, եւ բուռն եւ ցամաք մարմնով, կը յաջողի արջը բռնցի տապալել, ցուլը եղջիւրներէն պառկեցնել եւ առիւծին վրան հեծնելով խռչափողէն խեղդել: Ասոր վրայ կեանքը կը շնորհուի, եւ պատիւ ալ կը ստանայ, բայց նորէն կասկածանաց ենթարկուելով Ափրիկէ կ՚աքսորուի (ՍԵԲ. 91): Անեցին` Սմբատը Խոսրովի հրամանով գազաններու առջեւ թողուած կ՚ըսէ, սակայն անուններու մէջ սխալած ըլլալը յայտնի է (ՍԱՄ. 76): Որովհետեւ անմիջապէս ետքը յանկարծ կը տեսնենք Սմբատը հաճոյանալ յաչս Խոսրովու արքային (ՍԵԲ. 91), առանց բացատրելու թէ ինչպէս Ափրիկէէ Պարսկաստան անցաւ, բայց դժուար չէր աքսորավայրէն փախուստը, իսկ Յոյներու դէմ ատելութիւնն էր` որ Պարսիկներու հաւատարմութեան կը յորդորէր: Հաւանաբար Սմբատ նշանաւոր ծառայութիւններ ընծայեց այն պատերազմներուն մէջ, զորս Խոսրով ունեցաւ իր մօրեղբօր Վստամի դէմ, որ Խոսրովի դէմ հանեց արեւելեան ազգերը, իր եղբօր Վնդոյի` նենգութեամբ սպանուելէն ետքը (ՍԵԲ. 94): Հայագունդ բանակ մըն ալ կար Խոսրովի կողմը, որուն մէջ էին կանուխէն իրեն կողմը անցնող երեքները` Մամակ Մամիկոնեան, Ստեփանոս Սիւնի եւ Կոտիտ Ամատունի 391), եւ ասոնցմէ զատ նաեւ Գագիկ Մամիկոնեան, Պապ Բագրատունի, Խոսրով Վահեւունի եւ Վարդ Արծրունի (ՍԵԲ. 92): Ասոնք իրենց քաջութեամբ պատիւներու եւ ռոճիկներու արժանացան, բայց մէջերնէն կասկածի ենթարկուողներ ալ եղան: Գագիկ եւ Խոսրով Պարսկաստանի մէջ, եւ Մամակ Հայաստան դառնալէ ետքը խաղաղութեամբ վախճանեցան: Իսկ Ստեփանոս, իր հօրեղբօրմէն` Սահակ Սիւնիէ ամբաստանուելով գլխատուեցաւ ի զատկի շաբաթուն, տարին անյայտ, եւ Կոտիտ Մծբին ղրկուած ատեն ճամբան նենգութեամբ սպաննուեցաւ (ՍԵԲ. 95): Պապի եւ Վարդի վախճանին համար որոշ բան մը չենք գտներ: Վարդ Արծրունին նոյնն է, որուն կինը Մարիամ, Մուշեղ Մամիկոնեանի աղջիկը, բարեպաշտական եռանդեամբ համարձակեցաւ Գըսկայ վանքին Ս. Կարապետի մատուռը մտնել, հակառակ կիներու համար աւանդական արգելքին, բայց խստացան, սքացան եւ տրտմեցան յոյժ սպասաւորք եկեղեցւոյն: Ասոր վրայ, թէպէտ տիկինը խաղաղութեամբ մատուռէն ելաւ, եւ 395 միաբաններու ճոխ սեղան տուաւ, սակայն եկեղեցպանը Աստուծոյ բողոքեց, եւ տիկինը վանքէն մեկնած ատեն, հրաշիւք իմն, ինչպէս կը գրեն, որով սպանուեցաւ: Բայց վանքին առաջնորդը ելեալ բարկացաւ եկեղեցպանին, եւ տրտմեալ յոյժ ` բազում ժամս արտասուեաց (ՄԱՄ. 9-11): Այդ պատմութիւնը մինչեւ ցայսօր աւանդութեամբ կը կրկնուի, եւ կանանց համար արգելքը կը շարունակէ յարգուիլ:

394. ՍՄԲԱՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Սմբատ Բագրատունի այնչափ սիրելի եղաւ Խոսրովի եւ այնչափ յաջողեցաւ արեւելեան ազգերու դէմ վարած պատերազմներովը, որ Խոսրով անոր յանձնեց Վրկանայ մարզպանութիւնը եւ զինուորական հրամանատարութիւնը ոսկւով եւ արծաթով, զարդերով եւ զգեստներով վարձատրեց, մինչեւ իսկ անոր նուիրեց իր հօր Որմիզդի սեփական կամարն ու սուրը (ՍԵԲ. 96): Այդ անուանումը տեղի ունեցաւ 599-ին, Խոսրովի 10-րդ տարին (ՍԵԲ. 102): Մեծ եղաւ Սմբատի արդիւնքը իր նոր պաշտօնին մէջ: Թշնամիները հալածելուն, ապստամբները նուաճելուն եւ աւերակ երկիրը շէնցնելուն մանրամասնութիւնները տալ` մեզի չի պատկանիր: Մեր յիշատակելիք պարագան է այն կողմերը աքսորուած եւ անտէրունջ մնացած քրիստոնեաներուն համար ցուցուցած հոգացողութիւնը, որոնք մինչեւ իսկ զլեզու իւրեանց մոռացեալ էին (ՅՈՎ. 90): Ասոնք մեծ մասամբ Հայեր էին, թէպէտեւ կային յիշխանութենէն Յունաց եւ յԱսորւոց ոչ սակաւք (ՍԵԲ. 97): Սմբատի ըրած կարգադրութեամբ, ոչ միայն հաստատէին ի հաւատս, այլեւ դարձեալ աշակերտեալ ընդ հայերէն հագագայս սիղոբայիցն զլեզուն նորոգէին, եւ եկեղեցական կարգերու պահպանութեան համար, զերէց ոմն ի նոցունց իսկ, Աբէլ անուն, գլուխ ըլլալու կ՚ընտրէ, եւ Մովսէս կաթողիկոսի կը ղրկէ եպիսկոպոս կացուցանել: Յովհաննէս Պատմաբան կը յաւելու, թէ ասկէ սկսելով Վրկանի կողմերը եղած են վիճակ մեծի աթոռոյ սրբոյն Գրիգորի, մինչեւ ցայսօր ժամանակի (ՅՈՎ. 91): Սմբատի մարզպանութիւնը 8 տարի տեւեց (ՍԵԲ. 102), այսինքն է մինչեւ 607, շարունակ պատերազմներու մէջ, յաղթութեանց շարք մը կազմելով անընդհատ, եւ Խոսրովի անձն ու գահը ապահովելով այն վտանգներէն` զորս Վստամ կը պատրաստէր անդադար, միտքը դրած ըլլալով իր քեռորդին Խոսրովը սպաննել, եւ իր վրէժը լուծել անկէ, որ իր քեռիներուն ձեռքով թագաւորութեան բարձրացած ըլլալով հանդերձ 388) վերջէն անոնց դէմ դարձած էր, իբր ուզելով խնդրել զքէն վրիժաց մահուան հօր իւրոյ Որմիզդի (ՍԵԲ. 93): Այդ միջոցին տակաւ ծերութիւնը կը ծանրանար Մովսէս կաթողիկոսի վրայ, եւ կը կրէր այն ծանրածանր շփոթութեանց եւ խռովութեանց ազդեցութիւնը, զորս փոքրիշատէ ուրուագծել հարկ դատեցինք, ժամանակին կացութիւնը պարզելու համար, ուսկից մեծապէս կախում ունին եկեղեցական գործերը: Մովսէսի վերջին տարիները նոր արկածներ եւ նեղութիւններ պատրաստած էին վշտակիր կաթողիկոսին: Ասոնք յառաջ եկան Մօրիկի սպանութենէն 602-ին, եւ Փոկասի կայսերական գահը գրաւելէն: Խոսրով, որ Մօրիկը իրեն բարերար կը ճանչնար, ոչ միայն Յոյներու հետ խաղաղութիւնը խզեց, այլեւ Մօրիկի որդի կարծած Թէոդոսի իրաւունքը պաշտպանելու միտքով, Փոկասը գահէն վանելու շարժուեցաւ, օգտուելով Եգիպտոսի Հերակլ եւ Միջագետքի Ներսէս զօրավարներուն ալ Փոկասի դէմ զէնք առած ըլլալէն: Պատերազմի դաշտը գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ բացուեցաւ, եւ հետզհետէ Եղիվարդ, Հոռոմոցմարգ, Ականիցդաշտ, Արգինա, Գետիկ, Անգղ, Ծխակերտ (ՍԵԲ. 116-120) արիւնով ներկուեցան, եւ որ աւելի ցաւալի էր, Հայեր երկու տէրերու միջեւ բաժնուած, զինուորական օրէնքի զօրութեամբ զիրար կը սպաննէին, եւ իրենց երկիրը կ՚աւերէին: Ժամանակին յեղյեղուկ բախտին նշանակ կրնայ ըլլալ Ատատ Խորխոռունին, որ երբ Մօրիկէ պատուուած կայսրութեան կը ծառայէր 391), Թրակիոյ պատերազմին չուզելով երթալ, Պարսից կողմը անցաւ 601-ին, եւ երբ Մօրիկի մահը լսեց, Պարսիկները թողուց Յոյներուն անցնելու համար, բայց Խոսրով կանխեց զայն ձերբակալել, եւ ոտուըները ու ձեռուըները կապելով, բիրերու հարուածներով սպաննել տուաւ(ՍԵԲ. 111): Խեղճ Մովսէս կաթողիկոս, տարիքի բեռին տակ ճնշուած` իր հօտին եւ իր վիճակին կործանումը կը դիտէր, երբ կրօնական վիշտ մըն ալ ունեցաւ:

395. ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ԿԻՒՐԻՈՆ

Անդստին Լուսաւորչին օրէն ներքին միաւորութիւն մը հաստատուած էր Հայոց եւ Վրաց եկեղեցիներուն մէջ: Գրիգորիս, Լուսաւորչի թոռը, որ հիւսիսային երկիրներու կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ, ընհանուր եպիսկոպոսապետ եղաւ Կովկասի կողմերը եղող ազգերուն, բայց յետ ժամանակաց երկու աթոռներ զատուեցան, երբոր Վրացիներ եւ Աղուաններ զատ զատ թագաւորութիւններ եղան, բայց երկուքն ալ Հայոց աթոռին գերիշխանութիւնը կը ճանչնային, կաթողիկոսնին Հայոց աթոռէն կը ձեռնադրուէին, եւ դաւանական խնդիրներու մէջ Հայոց կը հետեւէին, եւ Հայոց ժողովներուն կը մասնակցէին իբրեւ նոյն եկեղեցւոյ անդամներ: Պատմութեանս կարգին առիթներ ունեցանք այդ կապակցութիւնը շեշտելու: Նոյն կացութիւնը կը շարունակէր Գ. դարուն սկիզբէն մինչեւ Զ. դարուն վերջը, գրեթէ երեք դար ամբողջ: Մովսէսի վերջին տարիները վախճանեցաւ Վրաց կաթողիկոսը, հաւանաբար Սամուէլ (ԱԿԻ. 22), եւ Մովսէս անոր յաջորդ ձեռնադրեց Կիւրիոնը, որ Արարատի քորեպիսկոպոս էր, այսինքն է հայրապետական աթոռոյ կեդրոնական վիճակին մէկ մասին փոխ-թեմակալը: Կիւրիոն բնիկ Վրացի, եւ ծննդեամբ Ջաւախք, այժմ Ախալքէլէք գաւառի Սկուտրի գիւղէն, աշակերտած էր վրացերէն եւ հայերէն դպրութեանց, եւ յունականին մէջ ալ զօրանալու համար 15 տարի մնացած էր Փոքր-Հայոց Նիկոպոլիս քաղաքը, անկէ եկած էր Դուին եւ հայրապետանոցին ծառայութեան մտած, իբրեւ վանաց երէց, եւ յետոյ իբրեւ քորեպիսկոպոս: Կացեալ ի նմին ամս հինգ (ՈՒԽ. Բ. 4), անորոշ է թէ առհասարակ հայրապետանոցի ծառայութեան, թէ ոչ քորեպիսկոպոսութեան մէջ, կաթողիկոս կը ձեռնադրուի Մովսէսի 25-րդ տարին (ՈՒԽ. Բ. 6), որ է 598-ին: Մովսէսի պէս դաւանութեան վրայ ամուր կաթողիկոս մը, եթէ վստահեցաւ իր շուրջը եղողներէն Կիւրիոնը` կարեւոր պաշտօնի բարձրացնել, հարկաւ աս ալ մինչեւ այն ատեն իր ուղիղ մտաց եւ ուղղափառ վարդապետութեան վրայ կասկած չյարուցանելու զգուշաւոր եղած էր: Սակայն հետեւանքը բոլորովին տարբեր եղաւ, վասնզի Կիւրիոն եղաւ որ Վրաց եկեղեցին Հայոց եկեղեցիէն զատեց, եւ եփեսոսական միաբնակ վարդապետութենէն քաղկեդոնական երկաբնակ վարդապետութեան վերածեց: Մեր պատմիչներ ընդհանրապէս կը մեղադրեն Կիւրիոնի կեղծուպատիր նենգութիւնը, որ Նիկոպոլսոյ երկարատեւ բնակութեան մէջ, քաղկեդոնիկ վարդապետութեան ընտելացած, կրցած է իր միտքը ծածկել Դըւնայ մէջ եղած ատեն, մինչեւ որ յաջողեցաւ Վրաց կաթողիկոսութիւնը ձեռք ձգել, եւ անկէ ետքը մէջտեղ հանած է իր իսկութիւնը: Մովսէս կաթողիկոսի համար ըսուած է թէ միամիտ կերպով գործած է, անգիտացեալ զծածուկ նորա սրտին (ՈՒԽ. Բ. 4), բայց նա զանց չէ ըրած ձեռնադրութենէ առաջ ուղիղ դաւանութեան խրատներ տալ եւ ուխտ ալ ընդունիլ (ՈՒԽ. Բ. 10):

396. ՎՐԱՑ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր տեսութեամբ պէտք է Կիւրիոնի միտքին մէջ, աւելի հեռուն դիտող պարագաներ նկատել: Վրաց Յոյներուն կողմը միտելը, ժամանակակից է Յովհաննէս Գաբեղեանի եւ Վարդան Մամիկոնեանի Յոյներուն դիմելուն, երբ Գուրգէն Վրաց իշխանն ալ Պարսիկներէ վտարանջեց, եւ պարտաւորուեցաւ Բիւզանդիա փախչիլ (ՉԱՄ. Բ. 287): Յոյներ աւելի մտադրութիւն դարձուցին Վրաստանի վրայ, որ ամփոփ եւ ամուր երկիր մըն էր, եւ զոր գրեթէ ամբողջութեամբ իրենց ձեռքը կրնային անցընել եւ տիրապետել: Երբ Մօրիկ Խոսրովէ նոր գաւառներ ստացաւ Հայաստանի մէջ, Վրաստանի մեծ մասը կայսրութեան հետ միացուց, եւ այս կերպով Վրացիներ աւելի մօտէն սկսան Յոյներու ազդեցութիւնը կրել, եւ ակնկալութիւննին անոնց վրայ դնել: Միւս կողմէն Պարսկահայոց մէջ գտնուող Հայոց հայրապետական աթոռին ոյժն ալ երթալով կը նուազէր, նոր Հայ կաթողիկոսութիւն մը հաստատուած էր Յունական Հայաստանի մէջ, եւ Յունական բաժինին ապագան աւելի յուսալից եւ աւելի փայլուն կ՚երեւէր, մինչ Պարսկականին հետ յարաբերութեանց պահպանութիւնը խոստմնալից չէր ներկայանար: Նոյնիսկ Պարսից թագաւորութիւնը Յոյներուն միտեալ քաղաքականութիւն մը ձեռք առած էր Խոսրովի անձնական զգացմանց հետեւանօք: Այս ամէն պարագաները չէին կրնար վրիպիլ Կիւրիոնի տեսութենէն, որ Նիկոպոլսոյ մէջ 15 տարի մնալով յունական ազդեցութեան վրայ նպաստաւոր գաղափարներ կազմեր էր, հետեւաբար ոչ այնչափ դաւանական ուղղափառութեան համոզմամբ, որչափ իր հայրենեաց ապագային տեսակէտով, որոշեց Կիւրիոն Յունաց կողմը միտիլ եւ Յոյներու հովանաւորութիւնը շահելու ծրագիրը մշակել, որուն առաջին եւ հիմնական պայմանն էր անոնց դաւանութեան համաձայնիլ: Այսուհանդերձ Կիւրիոն չշտապեց իր ներքին դիտումը շուտով երեւան բերել, եւ ոչ ալ յայտնապէս Հայոց հայրապետական աթոռին հետ յարաբերութիւնները խզել: Անսովոր չէ, որ եկեղեցական կամ քաղաքական տեսութեանց մէջ ալ, անձնականները իրենց ազդեցութիւնը չեն կորսնցներ, եւ հարկաւ Մովսէսի պատկառելի կերպարանքը կը շարունակէր խոր տպաւորութիւն ներգործել Կիւրիոնի վրայ: Սա ոչ թէ միայն անոր կամքով եւ անոր ձեռքով կաթողիկոսութեան հասած էր, այլ անկէ 25 տարի առաջէն, իր առաջին աշակերտութենէն սկսելով վարժուած էր յարգել իր վրայ հայրաբար խնամք ունեցող հայրապետին անձը: Պատմիչն ալ կը յիշէ թէ Կիւրիոն չէր իշխեր համարձակապէս ի հակառակս ելանել Մովսէսի Հայոց կաթողիկոսի, եւ թէ երկնչէր անոր կարի երախտեացն առջեւ (ՈՒԽ. Բ. 15): Երեք տարիներ անցան առանց մի նկատողութեան արժանի միջադէպի տեղի տալու (ՈՒԽ. Բ. 6), այսինքն մինչեւ 602 տարին:

397. ԽՈՒԺԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Կիւրիոն Նիկոպոլիս գտնուած ժամանակէն ուսումնակից բարեկամ մը ունեցած էր, անունը Կիս, որ Խուժիկ կը կոչուի, այսինքն Խուժաստանցի պարսիկ, թէպէտ բնակութեամբ հաստատուած էր Նիկոպոլիսի մօտ Զուատարիմա գիւղը: Կիս նեստորական էր (ՈՒԽ. Բ. 3), այլ կ՚երեւի թէ ինքզինքը կը ծածկէր, ինչ որ շատ դիւրին էր, որովհետեւ Նեստորականներ չէին խորշեր երկաբնակ Քաղկեդոնականներէն, զանոնք իրենց հետ համամիտ ընդունելով: Կիւրիոն ալ Քաղկեդոնականներէն չէր խորշեր, որով կրցած էին իրենց մէջ սրտակից եւ համամիտ բարեկամութիւն պահել: Կիւրիոնի կաթողիկոսանալէն ետքը Կիս անոր մօտ կու գայ, անոր եպիսկոպոսարանին ծառայութեան կը մտնէ, եւ Կիւրիոն ալ զինքը կը վարձատրէ եպիսկոպոսական աստիճանով, եւ կը ձեռնադրէ զնա օտարատեսուչ եպիսկոպոս, զոր մենք կ՚իմանանք իբր աթոռին հիւրընկալ, իսկ պատմիչին` այսինքն աղանդաւոր եպիսկոպոս ըսելը (ՈՒԽ. Բ. 3) կը մեկնենք իբր` Նեստորական հիւրերու հանդէպ բարեմարտիկ ընդունելութիւն ընելուն ակնարկ մը: Կիսի եպիսկոպոսանալէն ետքը աւելի համարձակութիւն ստանալը, եւ Նեստորականներուն հանդէպ բռնած ընթացքը զինքը կասկածելի կրնային ընել, բայց կ՚երեւի թէ Քաղկեդոնիկներու հանդէպ սովորական դարձած բարեացակամ ընթացքը պատճառ կ՚ըլլար որ Կիսի գործերը մտադրութիւն չէին շարժեր, եւ խօսքի առիթ չէին տար: Շատերուն լռած ատեն մէջտեղ կ՚ելլէ Ցուրտաւայ եպիսկոպոս Մովսէսը: Սա բնիկ հայազգի, տղայութենէ Ցուրտաւի մէջ բնակած, եւ վիճակին եպիսկոպոսներուն մօտ վրացերէնը եւ հայերէնը ուսած, եւ եկեղեցական կոչման մէջ յառաջացած, Կիւրիոնէ Ցուրտաւի եպիսկոպոս էր ձեռնադրուած, անոր կաթողիկոսութեան առաջին տարին (ՈՒԽ. Բ. 6), այսինքն է 599-ին: Սա տեսնելով որ Վրաց հայրապետանոցին մէջ Քաղկեդոնականներէն զատ Նեստորականներն ալ համարձակութիւն կը գտնեն Կիւրիոնի թոյլտուութեամբ, եւ մինչեւ իսկ Նեստոկան Կիսը եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, հարկ սեպեց եղելութիւնները Մովսէս կաթողիկոսին հաղորդել եւ անոր մտադրութիւնը հրաւիրել: Մովսէս իր ծերութեան վերջին օրերուն մէջ զգածեալ, անմիջապէս թուղթ մը կը գրէ Կիւրիոնին, ուր հայրաբար խրատելէ եւ սխալած ըլլալը ցուցնելէ ետքը, կը յանձնարարէ երեք ժողովներու դաւանութիւններէն չշեղիլ. Կաւատ թագաւորի օրով Հայոց եւ Վրաց միաբանութեամբ հաստատուած վարդապետութենէն չհեռանալ, որ է Բաբգէնի ժողովը 339), փախչիլ ի պիղծ ժողովոյն Քաղկեդոնի եւ յանընդունակ տոմարէն Լեւոնի, Խուժիկ եպիսկոպոսը Վրաստանէն հեռացնել, անոր հաւատակիցներն ալ մերժել, եւ միանգամայն վճռաբար կը հրամայէ, ապաշխարեա ' հանդերձ արտասուօք եւ ողորմութեամբ աղքատաց, եւ ապաշխարեա ' մեծաւ զղջամբ (ՈՒԽ. Բ. 8-12): Մովսէս կաթողիկոս նամակին հետ կը յղէ եւս Ստեփանոս եպիսկոպոսը, որ էր ի դրան իւրում, որպէսզի բերանացի ալ պէտք եղածը հաղորդէ (ՈՒԽ. Բ. 7): Կիւրիոն ամենայն պատրաստակամութեամբ կ՚ընդունի Մովսէսի հրամանները. Յանդիմանեալ էիք, կը գրէ, որպէս տէր եւ վարդապետ եւ հայր հոգեւոր, որպէս եւ էքդ իսկ ` երկրպագի եւ շնորհակալ եղէ ձեր հոգեւոր սիրոյդ: Կը վստահեցնէ թէ Կաւատի ժամանակին միաբանութիւնը անշարժ կը պահէ իր եպիսկոպոսներով, թէ Խուժիկ եպիսկոպոսն ալ մերժած է, երբոր իմացած է անոր չարութիւնը, եւ թէ իբր զղջումի եկած մը ընդունած էր զայն յառաջագոյն (ՈՒԽ. Բ. 12-13): Սակայն անկեղծ չէր Կիւրիոն իր յայտարարութեանց մէջ, եւ միայն Մովսէսէ պատկառելէն բռնադատեալ կը գրէր այդ յայտարարութիւնները, զի մինչեւ իսկ Կիսը իսկապէս հեռացուցած չէր, եւ ի ծածուկ զնա ունէր, եւ ինքն բնաւ ոչ մեկնէր ի նմանէ (ՈՒԽ. Բ. 15):

398. ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ՎՐԹԱՆԷՍ

Ծերունի կաթողիկոսը հարկաւ մխիթարուեցաւ Կիւրիոնի յայտարարութեանց վրայ, իր կեանքին վերջին օրերուն մէջ, վասնզի այլեւս Վրաց խնդիր չյուզուեցաւ, Կիւրիոն ալ չուզեց դառնացնել անոր վերջին վայրկեանները: Թղթակցութիւնները եւ բանակցութիւնները տեղի ունեցան 603 տարւոյ ընթացքին մէջ, իսկ 604-ին կնքեց Մովսէս իր 30 տարւոյ երկարատեւ կաթողիկոսութիւնը: Եղիվարդեցին Մովսէս պէտք է յիշատակուի աւելի արդիւնաւոր հայրապետներու մէջ, ոչ այնչափ յառաջ բերած նշանաւոր արդիւնքներովը, որչափ բազմադիմի արկածներու հանդէպ ցուցուցած արիասիրտ տոկունութեամբը, եւ Հայոց Եկեղեցւոյն պաշտպանութեան համար կատարած աշխատութիւններովը: Յունական ազդեցութեան զօրանալը, Մօրիկի ձեռներէց ազդեցութիւնը, ամէն կողմէ պատած ձախող պարագաները, մեծապէս վտանգ կը սպառնային Հայոց Եկեղեցւոյն ինքնուրոյն գոյութեանը, եթէ Մովսէսի խոհական եւ ճարտար, միանգամայն անվրդով եւ հաստատուն գործունէութիւնը չգտնուէր Հայ Եկեղեցւոյ գլուխը: Կարծես թէ ձախող բախտը գերեզմանէն անդին ալ կը հալածէր Մովսէսը, վասնզի զինքն հողին յանձնելէն ետքը անհնար եղաւ իրեն յաջորդ մը տալ, եւ 604-էն մինչեւ 607 դատարկ մնաց հայրապետական աթոռը, բայց այստեղ ալ Մովսէսի նախատես հոգածութիւնը նպաստեց եկեղեցւոյ: Նա իր վերջին տարիներուն մէջ իրեն օգնական առած էր Վրթանէս Քչկանորդի` քերթող վարդապետը, ինչպէս կը կոչուի ամենէն, թէպէտեւ պէտք է ընդունիլ` թէ Քերթող եւ Վարդապետ մակդիրները իբրեւ պատուոյ անուն տրուած են Վրթանէսի` իր գիտնական եւ ուսումնական կարողութեան համար, թէ ոչ հարկաւ եպիսկոպոսական աստիճան ունեցած է կաթողիկոսական փոխանորդութիւն վարելու կոչուած անձ մը, եթէ Մովսէսի թուղթը տանող Ստեփանոսն ալ եպիսկոպոսական աստիճան ունէր: Վրթանէսի ծագումն ու նախընթացը ծանօթ չեն պատմագիրներէն, իսկ Քերթող անունը կը ցուցնէ թէ Սիւնեաց դպրոցի աշակերտութենէն էր, թերեւս Սիւնի ալ էր հայրենեօք. ամէն առթի մէջ պէտք չէ զայն շփոթել Սիւնեաց եպիսկոպոս Վրթանէսի հետ 375), որուն Գաբեղեան թուղթ մը ուղղեց, որ 23 տարի ալ պաշտօն վարած է, եւ իրմէ ետքը եկած է Գրիգոր մը, որուն յաջորդած է Քրիստափոր եպիսկոպոս (ՕՐԲ. Բ. 246), որ պաշտօնի անցած է Մովսէսի վերջին տարիները (ՕՐԲ. Ա. 140):

399. ՎՐԹԱՆԷՍ ՏԵՂԱՊԱՀ

Վրթանէս Քերթող անմիջապէս ձեռք առաւ հայրապետանոցի գործերը, եւ Մովսէսի մահուան վրայ սկսաւ աթոռը կառավարել, իբրեւ տեղապահ, ինչպէս պաշտօնապէս կու տան իրեն այդ անունը Ուխտանէս (ՈՒԽ. Բ. 17), եւ Օրբէլեան (ՕՐԲ. Ա. 140), եւ Ցուրտաւացին (ԹՂԹ. 10), եւ երեք տարի վարեց պաշտօնը, մինչեւ որ կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարուեցաւ: Պատմագիրք համաձայն են աթոռոյ երկարատեւ պարապութիւնը յիշել, այլ կը լռեն, թէ ինչ եղաւ ընտրութեան երկարաձգելուն պատճառը: Չամչեան կը կարծէ թէ եպիսկոպոսներ պառակտեցան ընտրելիին վրայ, եւ գործը Սմբատի գալուն թողուցին (ՉԱՄ. Բ. 302): Սակայն Սմբատին Հայաստան գալը շատ ետքը, երրորդ տարւոյն վերջերը խօսուեցաւ, իսկ երկպառակութիւնն ալ չէր կրնար այնչափ զօրաւոր ըլլալ, որ մեծամասնութեան մը կազմուիլը արգիլէր: Միւս կողմէն անտեղի կը գտնենք ենթադրել որ Վրթանէս աշխատած ըլլայ ընտրութիւնը խափանել, որպէսզի պաշտօնը իր ձեռքը մնայ: Վասնզի աւելի պիտի ուզէր ընտրութիւնը փութացնել եւ կաթողիկոս ընտրուիլ, ինչ որ շատ հաւանական էր: Իսկ եթէ եպիսկոպոսներ իրմէ դժգոհ էին, ընտրութիւնը պիտի փութացնէին, որպէսզի Վրթանէսը գործերէ հեռացնեն: Պարսից արքունիքին կողմէն արգելք մը մտածելու համար ալ բաւական նշաններ չկան, վասնզի կաթողիկոսի պակասութիւնը Պարսից բաժինի Հայերը կը տկարացնէր Յունական բաժինի Հայերուն առջեւ, ինչ որ Պարսիկ քաղաքականութեան նպաստաւոր չէր, մանաւանդ երբ յունական բաժինին մէջ կը նստէր Յովհան Բագարանցին իբր կաթողիկոս Հայոց: Եւ ոչ ալ կրնանք ըսել թէ Խոսրով իր Հայերը կը սիրէր ընկճել ի շնորհուկս Յունաց կայսեր, վասնզի Խոսրով այդ բանը կրնար ընել պարզապէս Մօրիկի անձին հանդէպ, իսկ 604-ին Մօրիկ արդէն սպանուած էր եւ Փոկաս կայսրութեան անցած, որուն դէմ ուժգին պատերազմ կը մղէր Խոսրով 394): Ըստ այսմ անլուծելի կը մնայ ընտրութեան յապաղելուն իսկական պատճառը: Բայց եթէ կը ներուի հաւանական կարծիք մը յայտնել, մենք պիտի ըսենք թէ ասոր պատճառ տուաւ Յովհաննէս Բագարանցիի հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը: Հայաստանի մեծագոյն մասը Յունական բաժինին անցած էր, Յունական բաժինին եպիսկոպոսներուն մէջ ալ նշանաւոր եւ զօրաւոր մաս մը կար քաղկեդոնական վարդապետութեան հակառակ, Բագարանցին ալ բռնադատութեան ներքեւ Յոյներուն համակերպած էր ու միտք եւ ուղղութիւն փոխելէ հեռու չէր: Պարագաներուն համաձայն է կարծել թէ եպիսկոպոսներու մէջ կը տիրէր աթոռին պառակտումը վերցնելու միտքը, Բագարանցիին Ազատ գետը անցընել տալով եւ Դըւնայ աթոռը տանելով, ամէն առթի մէջ Հայոց Եկեղեցւոյն աւանդական ուղղութիւնը պահելու պայմանով: Այդ նպատակին համար հարկ եղած բանակցութիւններ, եւ դժուարութիւնները հարթելու համար խորհրդակցութիւններ, կրցած են երկարաձգել տալ ընտրութեան ձեռնարկը:

400. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Տեղապահութեան եռամեան, 604-է 607, կը բոլորուի բովանդակ Խոսրովի թագաւորութեան եւ Փոկասի կայսրութեան ժամանակ, երբ երկուքը իրարու դէմ ոխացեալ անդադար պատերազմներ կը մղէին: Խոսրով անձամբ վարած էր Միջագետքի կողմէն գացող բանակը, եւ տարիուկէս աշխատելով Դարա եւ Ուռհա քաղաքները նուաճած, ուսկից ետքը հանգստանալու համար Տիզբոն դարձաւ, եւ նոր արշաւանքը յանձնեց Խոռեամ Ռազման զօրավարին, որ մինչեւ Անտիոք հասաւ յաղթանակով (ՍԵԲ. 122): Իսկ Հայաստանի կողմը Վեհ-Ջուանան եւ Սինետամ-Խոսրով (ՍԵԲ. 118) զօրավարներու հրամանատարութեամբ կը շարունակէին այն պատերազմները զորս յիշեցինք 394), եւ որք ասպարէզ ունէին Յունական Հայաստանը, որով Դուինի մէջ տանելի վիճակ մը կը տիրէր, եւ ներքին եւ եկեղեցական խնդիրներով զբաղելու առիթ կ՚ունենային Վրթանէս տեղապահ եւ եպիսկոպոսական մարմինը: Մարզպանութեան պաշտօնը կը վարէին Պարսիկներ` որոնց ցուցակը տուինք 392), բայց որովհետեւ անոնց պաշտօնին տեւողութիւնը չունինք, չենք կրնար ճշդել թէ 603-ին եւ յաջորդ տարիներուն մէջ ով էր մարզպանը: Հոյիմանէ ետքը Շահրայէն-պետի անունը ունինք (ՍԵԲ. 123), բայց երբ պաշտօնի մտած ըլլալը չենք գտներ: Մարզպաններէն զատ զինուորական հրամանատարներ ալ կային, եւ երբեմն պաշտօններ իրարու կը խառնուէին: Յունական բաժինին մէջ Հերակլէ ետքը եկած էր Սորմենաս ստրատելատ (ԹՂԹ. 90), որուն անունը կրճատուելով Սորմէն եւ հայացուելով Սուրէն ալ գրուած է (ՍԵԲ. 112): Իսկ Համազասպ Մամիկոնեան հայագունդի զօրավարը Ակասիոսի մը քսութեան զոհուած էր (ԱՍԼ. 208), եւ տեղը անցած էր Մժէժ Գնունի: Քաղաքական կացութիւնը համառօտիւ ուրուագծելով, անցնինք Վրթանէս տեղապահի գործերն ու գրուածները քաղել: Բայց որովհետեւ անոնց թուականները որոշակի նշանակուած չեն, մենք պիտի հետեւինք նիւթերու տարբերութեան համեմատ ամփոփել ցրիւ պահուած տեղեկութիւնները:

401. ՍՈՐՄԵՆԱՍԻ ՆԱՄԱԿԸ

Նախապէս կը գտնենք Սորմենաս ստրատելատէն Վրթանէսի ուղղուած գիր մը, եւ Վրթանէսի տուած պատասխանը: Սորմենասի գիրը աւելի հայրապետի քան թէ զօրապետի մը գրիչէն ելածի ոճն ունի, սակայն այն ժամանակներ դիւանագէտներուն հմտութիւնն ալ մեծաւ մասամբ եկեղեցական եւ աստուածաբանական էր: Սորմենաս կը յիշէ որ բազում անգամ բերանացի եւ գրաւոր յարաբերութիւններ ունեցած է Վրթանէսի հետ, առանց ճշդելու թէ երբ, բայց հարկաւ Վրթանէսի իբր պատուիրակ ժողովներու գացած ատենը 389), եւ յուսացած է զայն իրեն համամիտ ունենալ, բայց նա վերջէն օտարաբար է վարուած, եւ գրած է թէ ինքնիրեն առանց աթոռակցաց իւրոց բան մը չի կրնար ասել կամ լսել, մինչ իբր տեղապահ եւ իբր քերթող ճոխանալով, սնափառութեամբ ինքզինքը տխմար եւ մտամոլար մարդկան առջեւ կը ծախէ, եւ ցուցանէ զանձն իւր, թէ ես իսկ եմ վարդապետութիւն: Ասոր վրայ քաղկեդոնական վարդապետութեան բացատրութեանց կը մտնէ, Դէսոկորոս եւ Տիմոթէոս Աղեքսանդրացիները նզովեալ կը ճանչնայ, հին սուրբ հայրեր կը յիշէ, եւ կը յաւելու թէ ոչ կարօտիմք Խորասանիկ եւ Ատրպատիճ կանոնադրութեան եւ վարդապետութեան, ակնարկելով Պարսկաստանի Հայերուն: Խօսքը կը վերջացնէ առաջարկելով, որ Վրթանէս պատուիրէ եպիսկոպոսաց եւ երեւելի քահանայից ժողովի գումարուիլ, ուր ինքն ալ զառաջնորդ մերոյ եկեղեցւոյ հրաւիրէ գտանիլ անդ միաբանութեամբ, որպէսզի համաձայնութիւն գոյանայ եւ լինի մի հօտ եւ մի հովիւ (ԹՂԹ. 90-92): Այս քաղուածը յայտնապէս կը ցուցնէ թէ Սորմենասի մտադրութիւնն է` Հայերը քաղկեդոնական վարդապետութեան հետեւողութեամբ աթոռներու միացման բերել Բագարանցիին իշխանութեան ներքեւ, որուն կ՚ակնարկէ զառաջնորդ մերոյ եկեղեցւոյ յիշած ատեն, ինչպէս եւ մի հօտ մի հովիւն ալ, Հայերուն մէկ աթոռի եւ մէկ հայրապետի ներքեւ միանալը կը նշանակէ: Վրթանէս, ոչ միայն սկզբունքի խնդիրէն, այլ եւ նախատական ակնարկներէն զգածուած խստիւ կը պատասխանէ Սորմենասի: Նա Վրթանէսը անուանած էր նոր կարապետ եւ յառաջընթաց Նեռին (ԹՂԹ. 90): Վրթանէս այդ կոչումը կը դարձնէ անոր` որ ազգի միոյ ապստամբութեան պատճառ եղեալ է (ԹՂԹ. 94), որով կ՚ակնարկէ Բագարանցիին, կամ Բագարանցին պաշտպանողին: Սորմենասը կը յանդիմանէ քաղկեդոնականութեան չհաւանող եկեղեցականներու վրայ գործածուած բռնութիւններուն եւ հալածանքներուն համար, մի առ մի անոր կը դարձնէ նախատական բացատրութիւնները, Սուրբ Գիրքէն եւ առաջին ժողովներէն քաղուած փաստերով: Կը հերքէ քաղկեդոնական երկուքութիւնը, եւ կը հրաւիրէ Յոյները որ առաջ իրենց երկրին մէջ տարածուած անթիւ աղանդոց շփոթութիւնները վերցնեն, եւ ետքէն Հայերուն ուղղութիւն սորվեցնելու ելլեն: Վասնզի, կ՚ըսէ, յորժամ ոք իւրում տան վերակացութիւն առնել չգիտիցէ կամ չզօրիցէ, զիա՞րդ ի վեհագունից հրապարակախօս համարձակեալ հրաման տայցէ ճոռոմաբանելով: Իսկ ժողով գումարելու առաջարկը լռութեամբ կը մերժէ (ԹՂԹ. 93-98): Սորմենասի հետ յարաբերութիւնը շարունակութիւն չ՚ունենար, կամ գոնէ մեզի յիշատակ չէ հասած: Ոչ միայն Վրթանէս քերթող եւ Պարսկական բաժինին եպիսկոպոսներ չէին հաւաներ Սորմենասի ուզած միաբանութեան, այլեւ Յունական բաժինին եպիսկոպոսներուն մի մասն ալ, Մանասէի եւ Յովհաննէսի գլխաւորութեամբ 390), բացարձակապէս դէմ էին այդ գաղափարին: Այդ պարագաներն են, որ ինչպէս անգամ մը դիտել տուինք 399), արգելք եղան Մովսէսի յաջորդին անմիջական ընտրութեան, եւ տեղապահական միջոցը երկարեցին:

402. ԽՈՏԱՃԱՐԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐ

Տարիներու ժամանակագրական կապակցութեամբ եւ իբրեւ միջանկեալ պատմութիւն, յիշենք այստեղ Խոտաճարակներու նահատակութիւնը, զոր տուած է Մամիկոնեան պատմիչը: Եօթն են ասոնք, չորսը ի կողմանց Յունաց եւ երեքը ի կողմանց Սագաստանաց, որ է ըսել Յունական եւ Պարսկական բաժիններու Հայերէն, որոնք կանուխէն քաշուած էին Իննակնեան վանքին շուրջը Աւետեաց բլուրին քարայրներուն մէջ, որ յայտնի են մինչեւ ցայսօր: Ասոնք որոշեալք յամենայն մարմնական հեշտութեանց կ՚ապրէին խոտաճարակ սնունդով, այսինքն լեռներէն քաղուած խոտերով, եւ էին կեցեալ ի սոյն խստակրօնութեան ամս քսան (ՄԱՄ. 9), որով 584-էն ճգնաւորութեան սկսած կ՚ըլլան: Երբ Խոսրով Միջագետքի կողմէն Յոյներուն դէմ կը պատերազմէր, իր քեռորդին Միհրան, յատուկ բանակով Հաշտեանք եւ Տարոն գաւառներուն վրայ քալեց, աւերելով եւ աւարելով գաւառներ եւ քաղաքներ, գիւղեր եւ վանքեր: Գլակայ Ս. Կարապետի վանքն ալ աւարառուներուն ախորժակը սրեց, միաբաններ իմանալով անոնց հասնիլը գանձը պարպեցին, իրենք ալ ցրուեցան եւ այն ատեն Խոտաճարակներ վանք եկան սրբավայրին պահպանութեան (ՄԱՄ. 16): Պարսիկ գունդը վրայ հասնելով, իր յուսախաբութեան ցասումը թափեց պահապան ճգնաւորներուն վրայ, եւ առաջ Պօղիկարպոս գլխատուեցաւ, որ գլխաւորնին էր, եւ հետզհետէ միւս վեցերն ալ, Թէովնաս, Սիմէոն, Յովհաննէս, Եպիփան, Դիմառիոս եւ Նարկիսոս (ՄԱՄ. 19): Երեք օր ետքը, զինուորներուն հեռանալուն վրայ փախստական միաբաններէն ոմանք դառնալով թաղեցին նահատակները` Անտոնի եւ Կրօնիդէսի գերեզմաններուն քովը (ՄԱՄ. 20), ուր եւ կը պատուուին մինչեւ ցայսօր: Նահատակութեան օրը յիշուած է քաղոցի 4-ին, Հինգշաբթի օր, ժամը 9-ին (ՄԱՄ. 19), իսկ տարին սովորաբար ընդունուած է 604, Խոսրովի արշաւանքներուն տարին, եւ իրօք ալ այն տարի քաղոցը Երկուշաբթի կը սկսի, որով 4-ը կը լինի Հինգշաբթի, եւ հռոմէական տոմարով կ՚իյնայ Հոկտեմբեր 29-ին: Ժամանակին առաջնորդին անունը գրուած է Թոդիկ (ՄԱՄ. 20), որ իբրեւ նոյն կը ներկայացուի վերագոյն Թադէոս կոչուածին հետ (ՄԱՄ. 8), որով թերեւս յարմարագոյն լինէր Թադիկ կարդալ, եւ կը դրուի Աթանասէ սկսելով հինգերորդ, եւ կը յիշուին Աթանասի 10, Կոմիտասի 8, Ստեփանոսի 6, Բարսեղի 8, եւ Թադէոսի 30 տարիներ: Աթանասը յիշեցինք տոմարի նորոգութեան առթիւ 384), եւ անկէ ետքը միջանկեալ 22 տարիները չեն հակառակիր 604-ին Թադէոսի կամ Թոդիկի առաջնորդութիւնը ընդունելու: Միայն թէ դժուար կ՚ըլլայ ընդունիլ Կոմիտասի եւ Ստեփանոսի առաջնորդութիւնները, որք ժամանակակից եղած են Աբրահամ եւ Կոմիտաս յաջորդ կաթողիկոսներուն, որոնք ընտրուեցան` Աբրահամ 607-ին եւ Կոմիտաս 615-ին: Մեր պատմագիրներուն ժամանակագրական անճշդութեանց դիմաց կը գտնուինք շարունակ, զորս դժուար է մեկնել, բայց եթէ համանուններու շփոթուած ըլլալը ենթադրելով: Ասկէ ետքը Մամիկոնեան Յովհաննէս երկարօրէն կը պատմէ ինչ որ Վահան` Գայլ մականուանեալ (ՄԱՄ. 15) եւ որդին Սմբատ, Մամիկոնեան տանուտէրներ, գործեցին Միհրան եւ Վարշիր եւ Վախտանգ Պարսիկ զօրավարներուն դէմ, Տարոնոյ գաւառին եւ Ս. Կարապետի վանքին պաշտպանութեան համար, Փոկասի կայսրութեան առաջին տարիները (ՄԱՄ. 15-29):

403. ՄՈՎՍԷՍ ՑՈՒՐՏԱՒԱՑԻ

Կիւրիոն Վրաց կաթողիկոս, որ Մովսէսի կենդանութեան ատեն չէր համարձակած ինքզինքը յայտնել եւ իր մտադրութիւնը առջեւ տանիլ, այլեւս զգուշաւորութեան պէտք չզգաց իբրեւ մեռաւ Մովսէս կաթողիկոսն, մանաւանդ որ աթոռն ալ դատարկ կը մնար, եւ Կիւրիոն ինքզինք աւելի բարձր կը տեսնէր քան Հայոց աթոռին տեղապահը: Այսուհանդերձ ուղղակի բան մը չըրաւ, այլ անուղղակի կերպով ուզեց ծանրանալ Ցուրտաւի եպիսկոպոս Մովսէսի վրայ, որ Կիսի ձեռնադրութեան խնդիրը յուզած էր 397), եւ որ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան նախանձախնդիր, գրեթէ միակ էր` որ Վրաց աթոռին եպիսկոպոսներուն մէջ Կիւրիոնի միտքին չէր հետեւեր: Մովսէս բնիկ Հայ` Տաշիրք, այժմ Լօռի գաւառի Մեհենկերտ գիւղէն, եւ Ցուրտաւի մէջ տղայութենէ ի վեր մնալով իբր Վրացի եղած էր եւ Ցուրտաւի եպիսկոպոսարանին ծառայութեամբ յառաջացած, եւ իր գործունէութեամբ Կիւրիոնի ալ սիրելի եղած, եւ անկէ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, ինչպէս յիշեցինք 397): Մովսէս մինչեւ իսկ համարձակապէս քաղկեդոնականութեան դէմ կը քարոզէր, եւ Վրաց կաթողիկոսարանին երկդիմի ընթացքը կը քննադատէր, եւ այս իրեն աւելի կը յաջողէր, որովհետեւ Ցուրտաւ Հայաստանի սահմանակցութեան մէջ հայաշատ վիճակ մըն էր, եւ ընդհանուր Հայութեան կողմէ յաճախած տեղ մըն էր` Շուշանիկի գերեզմանին (ՈՒԽ. Բ. 35) եւ Մծխիթայի խաչին եւ Մանգղեաց խաչին ուխտագնացութեանց համար (ԹՂԹ. 194): Ցուրտաւի վիճակին մէջ հայերէն եւ վրացերէն պաշտամունք անխտիր կը կատարուէին, եւ եթէ Վրացիներ թոյլ էին հնաւանդ դաւանութեան մասին, Հայեր ամուր էին, եւ Մովսէս եպիսկոպոս նշանաւոր զօրութիւն ու բազմութիւն ունէր իր կողմ իր վիճակին մէջ: Կիւրիոնի նպատակն էր այդ խոչընդոտը վերցնել իր վիճակէն, եւ այս եղաւ Մովսէս եպիսկոպոսի հանդէպ բռնած ընթացքին նպատակը: Իբր առաջին քայլ հրաման կը ղրկէ Ցուրտաւի եպիսկոպոսին եւ կոչէ առ ինքն (ՈՒԽ. Բ. 18): Մովսէս կաթողիկոսի մահուընէ ինչչափ ետքը առաւ այս որոշումը, որոշ գրուած չէ: Ուխտանէս Կիւրիոնի կեղծաւորեալ ընթացքը կը դնէ ամս հինգ, զերկուս ամս Մովսէսի ատեն 602-է 604, եւ զերկուս ամս զկնի մահուան (ՈՒԽ. Բ. 16), որ 5 չի տար, եւ հետեւաբար երկրորդ մասը պէտք է կարդալ` զերիս ամս զկնի մահուան, ինչպէս ուրիշ տեղ գրուած է (ՈՒԽ. Բ. 23), որ կ՚ըլլայ ամբողջ տեղապահութեան միջոցը, եւ անորոշ կը մնայ Ցուրտաւի եպիսկոպոսին Կիւրիոնէ կոչուելուն ատենը, ինչչափ ալ ոմանք, որոշակի երկու տարի վերջը դրած են, Ուխտանէսի առաջին խօսքերուն կրթնելով (ԱԿԻ. 45): Այսուհանդերձ մենք ալ կ՚ընդունինք թէ օրը օրին չկոչեց, իբրեւ մեռաւ Մովսէս կաթողիկոսն, եւ տարիի մը չափ անցաւ մինչեւ որ Կիւրիոն գործունեայ դերի մը ձեռնարկեց, որուն հարկաւ առիթ տուաւ Ցուրտաւացին իր համարձակ դիտողութիւններով:

404. ՑՈՒՐՏԱՒԱՑԻՆ ԿԸ ՔԱՇՈՒԻ

Մովսէս եպիսկոպոս վարանեցաւ երթալ, կը մտածէր թէ Կիւրիոն խորհեալ էր չար առնել նմա (ՈՒԽ. Բ. 18), եւ անշուշտ պատճառանքներ ստեղծեց, վասնզի բացարձակ ընդդիմութեան նշաններ չտուաւ, բայց երբ հրամանը կրկնուեցաւ ու երեքկնուեցաւ, այլեւս ընդդիմանալը պատշաճ չտեսաւ, եւ ապա յետոյ գնացեալ ներկայացաւ Վրաց կաթողիկոսարանին, Տփղիս քաղաքի Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյն գաւթին մէջ` արքունիքին մօտ, ուր կը մնար այն ատեն Ատրներսէհ իշխան, իբրեւ բդեշխ Վրաց: Մովսէս կարծելով թէ անմիջապէս Կիւրիոնի ներկայութեան պիտի ընդունուի, պատրաստուած էր համարձակ քաղկեդոնական եւ նեստորական խնդիրները յուզել, եւ Կիւրիոնի երկդիմի ընթացքը երեսը զարնել: Բայց այդ մասին յուսախաբ եղաւ, կաթողիկոսարանի սպասաւորներ մուտքը չներեցին, վասնզի Կիւրիոն հրամայած էր արգելուլ զնա յերեսաց իւրոց: Մովսէս պարտաւորուեցաւ դուրս ելլել, եւ գնաց իրեն ծանօթ Յակոբ քահանայի մը տունը, որ էր մերձ ի Սուրբ Սիոն: Ինն օր սպասեց այնտեղ, օր օրի յուսալով որ Կիւրիոնէ ընդունուի, սակայն Կիւրիոն ձայն չէր հանէր, Մովսէսի հետ բանակռիւէ կը խորշէր, ու կ՚երեւի կ՚ուզէր ընդունելութիւնը երկարելով Ցուրտաւացին Տփղիս պահել, եւ յարմար առթիւ բռնադատել կամ ընկճել: Կիւրիոն աւելի ճարտար եղած կ՚ըլլար, եթէ բարեմարդիկ ձեւերով Մովսէսը արգիլէր, բայց կ՚երեւի թէ կիրքը զսպելու չափ խոհականութիւն չունէր: Ոչ նուազ կրքոտ էր եւ Մովսէս. Տփղիս գալով եւ ինն օր սպասելով իր պարտքը կատարած կը սեպէ, եւ երբ կը տեսնէ որ Կիւրիոն ինը օր ետքը, առանց բան մը ըսելու Մծխիթա կը մեկնի (ԹՂԹ. 181), իրեն նկատմամբ վտանգէ մը կասկածելով, կ՚որոշէ գլուխն առնել ու իր տեղը դառնալ, Կիւրիոնի ալ ըսել տալով, թերեւս վերոյիշեալ Յակոբ քահանայի ձեռքով, թէ նա նախնեաց հաւատքը կը փոխէ եւ ուղղափառ դաւանութիւնը կը պղտորէ, եւ թէ ծայրը աղէկի պիտի չյանգի, ուստի պէտք է խոչն ու խութը մաքրէ (ՈՒԽ. Բ. 20): Տփղիսէ կու գայ շիտակ Ցուրտաւ եւ դառնայ ի վիճակ իւր (ՈՒԽ. Բ. 21), բայց ինքզինքը ապահով չի զգար, որովհետեւ Կիւրիոն ետեւէն սպառնալիքներ տեղացուցած էր, եւ ձայն ալ հանած էր թէ գիշերի գաղտ գնաց փախստեայ (ՈՒԽ. Բ. 21), մինչ Մովսէս լոյս ցերեկով մեկներ էր Տփղիսէ (ՈՒԽ. Բ. 100): Մովսէսի ականջը հասաւ, որ մինչեւ իսկ մահու սպառնային իրեն` իշխանք աշխարհին եւ նախարարք եւ խաժամուժ ամբոխն (ՈՒԽ. Բ. 27), որոնք անշուշտ Կիւրիոնի գրգռութեամբ յուզած էին Ցուրտաւի Վրացիները: Մովսէս սկսաւ ինքզինքը ապահով չզգալ իր վիճակին մէջ, եւ ուզեց հեռանալ եւ հայաբնակ կեդրոն մը ապաւինիլ: Թէպէտ ժամանակը ձմեռնային էր, այսուհանդերձ ստիպողաբար մեկնեցաւ Ցուրտաւէ, եօթը օրէն հասաւ Արագածոտնի Ս. Յովհաննէս վանքը, որ է Փարպիի մօտ եղող Յովհաննավանքը, եւ այնտեղ դադարեցաւ եւ հիւրընկալուեցաւ Բաբելաս վանահօրմէ (ՈՒԽ. Բ. 21), որ իր ծանօթն եղած պիտի ըլլայ: Որչափ ալ Մովսէսը ձմեռն ու ձիւնը ու փքարդ մնալը կը յիշէ` իբր այնտեղ դադարելուն պատճառ (ԹՂԹ. 111), սակայն կ՚երեւի թէ Մովսէս չուզեց ուղղակի Դըւնայ աթոռը երթալ, զրոյցներու առիթ չտալու համար, ապա թէ ոչ դժուար չէր, օդերուն քիչ մը մեղմանալուն մէկ երկու օրուան ճամբով Փարպիէ Դուին անցնիլ եւ տեղապահին մօտ երթալ, առանց նամակագրութեան պէտք ունենալու: Այդ ձմեռնային եղանակը յարմար կը սեպենք 605-է 606 տարւոյն հաշուել:

405. ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿ

Յովհաննավանքի մէջ հանդարտ չէր կրնար մնալ Մովսէս: Ի հարկէ ինչ ինչ կերպեր փորձեց Կիւրիոնի ընթացքին արգելք դնելու, մինչ Կիւրիոն ալ նոյնիսկ Ցուրտաւի մէջ Մովսէսի ազդեցութիւնը կոտրելու կ՚աշխատէր: Մովսէս կը պարտաւորուի գրել ի հայ լեզու ցիշխանութիւն Ցուրտաւայ եկեղեցւոյն (ԹՂԹ. 111), իր դաւանակից Հայերը զօրացնելու եւ Վրաց կաթողիկոսարանին նոր ուղղութեան դիմադրելու համար: Մովսէսի առ Ցուրտաւացիս գրած Շրջայական թուղթը, համառօտելով յառաջ կը բերէ Ուխտանէս (ՈՒԽ. Բ. 28), այլ ամբողջաբար կը գտնուի Գիրք Թղթոցին մէջ (ԹՂԹ. 113-118): Մովսէս յայտնապէս կը գրէ, թէ տեսնելով որ դաւանական սխալ ուղղութիւն մը կը սկսի, հարկ սեպեց ճշմարտութիւնը յայտ յանդիման մէջտեղ դնել, սակայն, կ՚ըսէ, որչափ յանդիմանեցաք, առաւել եւս սպառնացեալ եղեաք, մինչեւ հալածիլ (ԹՂԹ. 114): Անկէ կ՚անցնի ուղիղ դաւանութիւնը վկայութիւններով բացատրել, եւ որովհետեւ նեստորականութիւնն ու քաղկեդոնականութիւնը հրէական կը կոչուէին, Յիսուսը աստուածութենէ զատուած իբր սոսկ մարդ ցուցնելնուն համար, կը յիշէ Երուսաղէմի կործանումը, իբր զի որք զնոցայն ախտանան, ընդ նոսին եւ պատժելոց են իբր տէրուրացներ (ԹՂԹ. 115): Վերջին մասին մէջ դաւանական բացատրութիւնները կ՚ընդարձակէ, Մարկիանոս կայսրը եւ Պուղքերիա կայսրուհին` որք Քաղկեդոնի որոշման պատճառ եղան` աղանդակիցք Նեստորի կը կոչէ, եւ վերջապէս կը յորդորէ իրեն հօտը հնաւանդ դաւանութեան վրայ հաստատուն մնալ: Շրջագայական թուղթին կցած է Պատճառք չորրորդ ժողովոյն երկաբնակաց մակագրեալ ընդարձակ գրուած մը, որուն մէջ Քաղկեդոնի ժողովին գումարման եւ հետեւանաց պատմութիւնը մանրամասնաբար տուած է (ԹՂԹ. 119-127), եւ զոր հարկաւ կազմած ու հրատարակած եւ ցրուած է Մովսէս` միտքերը լուսաւորելու համար: Այս ամենէն ետքն է, որ Մովսէս իր ճիգերէն արդիւնք մը ձեռք չկրնալով ձգել, կը պարտաւորուի Հայոց կաթողիկոսութեան դիմել, որ մինչեւ այն ատեն բոլորովին անտեղեակ կը մնար Կիւրիոնի եւ Մովսէսի խնդիրէն: Համառօտ գիր մը կ՚ուղղէ Վրթանէս տեղապահին զոր իրեն հայրաձեւ եւ մերձաւոր կը կոչէ, իրեն գլուխն եկածը կը պատմէ, Ցուրտաւացիներուն գրած ըլլալը կը յիշէ, եւ կը խնդրէ որ Վրթանէս ալ անոնց յորդորական մը գրէ: Մովսէսի բոլոր ուշադրութիւնը իր վիճակին վրայ է, տակաւին Կիւրիոնի համար ակնարկ մը չունի, եւ անոր համար բան մը չի խնդրեր (ԹՂԹ. 110): Վրթանէս սիրով կ՚ընդունի Մովսէսի առաջարկը, համառօտիւ կը պատասխանէ եւ կը յիշէ, որ եթէ կամի Քրիստոս Աստուած, ի մօտ աւուրս կաթողիկոս կամին նստուցանել (ԹՂԹ. 112), որով պարզապէս հեռաւոր պատրաստութեանց կ՚ակնարկէ, եւ որոշուած գործի մը բնութիւնը չունի: Ցուրտաւացիներուն ալ շրջագայական մը կը յղէ Վրթանէս (ԹՂԹ. 130), իսկ Ցուրտաւացիք թէ իրենց եպիսկոպոսին եւ թէ կաթողիկոսական տեղապահին կը պատասխանեն իրենց հաստատամտութիւնը վստահեցնելով: Սակայն կը յայտնեն Մովսէսի` որ իր վիճակը չդառնայ, զի իրենք ալ պիտի պարտաւորուին թողուլ եւ գնալ ի բաց (ԹՂԹ. 129): Տեղապահին ալ կը յայտնեն, որ ցորչափ բռնաւոր գոռոզի, որ հայրապետս անուանի դիպեալ են, պիտի պարտաւորուին թողուլ զաշխարհս եւ գնալ (ԹՂԹ. 132): Ցուրտաւացոց այդ յայտարարութիւնները կը պարզեն Կիւրիոնի բռնած անտեղի եւ անտանելի ընթացքը: Այդ առաջին թղթակցութիւններով կ՚անցնին 606 տարւոյ սկիզբները:

406. ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԸ

Մովսէս Ցուրտաւացին միշտ Յովհաննավանք կը մնայ, եւ չի մտաբերեր Դըւին երթալ եւ անձամբ իր խնդիրը յուզել, եւ պարտաւորեալ նորէն նամակագրութեան կը դիմէ: Ընդունած է Վրթանէսի պատասխանը, տեսած է անոր Ցուրտաւացիներուն ղրկած գիրը, եւ վստահութիւն ստացած է իր վիճակային Հայերուն հաստատամտութեանը վրայ, ու այս անգամ կը մտածէ Կիւրիոնի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել: Կը խնդրէ Վրթանէսէ որ ուղղակի գիր մը գրէ Կիւրիոնի, գիր մըն ալ Ատրներսէհ բդեշխին եւ անոր ազգակից Վահան եւ Բրղմիհր իշխաններուն, եւ գիր մըն ալ Պետրոս եպիսկոպոսին: Կը յանձնարարէ որ այս թուղթերը կաթողիկոսարանի պաշտօնեայի մը ձեռքով յղուին, եւ Վրթանէսի կը յանձնարարէ` թէ ի հարկին ձեզ պիտի երթալ, թող չի լինիք աշխատ (ԹՂԹ. 133): Վրթանէս սիրով կը կատարէ Մովսէսի առաջարկները, այլ միակ գիր մը կ՚ուղղէ Կիւրիոնի եւ Ատրներսէհի եւ իշխաններուն, ուր կը յիշէ Մովսէս կաթողիկոսի գրած թուղթը 397), եւ Լուսաւորչի ժամանակէն հաստատուած երկուց աշխարհաց յանգանգիտող հաւատքը, եւ կը յորդորէ պահել հին դաւանութիւնը, եւ զգուշանալ Քաղկեդոնի նորոգաձեւութիւնէն: Մինչեւ իսկ կ՚առաջարկէ, որ երկու կողմերու իշխանները համաձայնին ժողով հրաւիրել, ուր ինքն ալ կու գայ, եւ բերանացի բացատրութիւններով խնդիրը կը վերջանայ (ԹՂԹ. 138): Գիր մըն ալ առանձինն կը գրէ Պետրոս եպիսկոպոսին, յանձնարարելով որ հոգ տանի, որպէսզի Մովսէս սրբասէր եպիսկոպոս, որ ճշմարիտ հաւատոյ նախանձաւոր է, ի տեղի իւր դարձցի, եւ անոր ալ կը կրկնէ երկու կողմանց իշխաններու համաձայնութեամբ ժողով գումարելու առաջարկը (ԹՂԹ. 136): Այս Պետրոս եպիսկոպոսի համար կը գտնենք թէ ի նոցանէ էր ազգաւ եւ աշխարհաւ (ՈՒԽ. Բ. 46), իբր զի էր ի Վրաց աշխարհէն: Նա էր որ առաջին անգամ Կիւրիոնի Էջմիածինէ Տփղիս երթալուն ալ ընկերացած էր (ՈՒԽ. Բ. 46): Այդ պարագաներէ կը հետեւի թէ Պետրոս ոչ միայն ուղղամիտ եւ Մովսէսի համամիտ էր, այլեւ Վրաց կաթողիկոսարանին մէջ ազդեցիկ եւ նախաթոռ դիրք մը ունեցած ըլլալը կը յայտնուի: Վրթանէս այս գիրերը յղելէն ետքը Մովսէսի ալ կը պատասխանէ, թէ իր պաշտօնեաներէն մէկը յղել դժուար եղաւ, եւ գիրերը Մովսէսի թղթաբերին յանձնեց որ տանի: Իսկ իր Տփղիս երթալուն համար կ՚ըսէ, թէ պէտք է նախապէս երկու կողմերու իշխանները համաձայնին ժողով գումարել (ԹՂԹ. 135): Կիւրիոն շատ կոշտ վարուեցաւ Վրթանէսի հանդէպ: Նախ չուզեց իսկ անոր գիրը ձեռք առնել եւ կարդալ, եւ երբ վերջ ի վերջոյ հաւանեցաւ կարդալ տալ եւ լսել, տեսնելով որ Վրթանէս ուղղափառութեան դաս կու տայ, բարկութեամբ կը պատասխանէ, թէ Երուսաղէմի աթոռին կը ղրկեմ այդ գիրը, թող այն վճռէ ուղղափառութիւնը: Այս կ՚ըսէր, որովհետեւ Հայեր սովոր էին Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի աթոռներուն առաջին դաւանութիւնը պնդել, իսկ Կիւրիոն Երուսաղէմը կը յիշէր, որովհետեւ Յոբնաղ վերջէն բռնադատութեամբ հպատակած էր քաղկեդոնական դաւանութեան: Կիւրիոն խափանեց ոչ միայն զիւրն եւ զիշխանացն պատասխանի, այլ եւ զՊետրոսին, բայց Ուխտանէս կը կասկածի, թէ անոր գրածը` Գիրք Թղթոցին անցնելու ոչ արժանի եւ պատշաճ համարեալ, կորած ըլլայ (ՈՒԽ. Բ. 46): Սակայն հաւանականագոյն կ՚երեւի գրած չըլլալը, վասնզի Վրթանէս ազատ արանց ոմանց, հաւանաբար Վահան եւ Բրզմիհր իշխաններուն, գրած ըլլալը կը յիշէ (ԹՂԹ. 141), այլ Կիւրիոնի գրած ըլլալը չի յիշեր: Մենք կը կարծենք թէ Պետրոսն ալ լուռ կեցած չէ, եւ ողորմելիս Պետրոս ստորագրութեամբ` հաւատարմագունի եւ իմաստնագունի եւ աստուածասիրագունի եղբօր ուղղուած գիրը (ԹՂԹ. 99-107)Պետրոս Վրացիէն Վրթանէս տեղապահի գրուած է, իր միտքը հաւաստելու համար: Տփղիսի մէջ տեղի ունեցած եղելութեանց լուրը բերած է Մովսէսի թղթաբերը, զորս սա կը յիշէ Վրթանէսի գրած երրորդ գիրին մէջ (ԹՂԹ. 140): Իսկ ազատ արանց Վրթանէսի գրածին մէջ ըսուած է, որ Մովսէս եթէ կամք են, եկեսցէ կաթողիկոսիս հնազանդ լիցի, եւ զիւր տեղի կալցի (ԹՂԹ. 141): Այսպէս Վրաց կաթողիկոսարանը եւսքանզեւս կը պնդէր իր ուղղութիւնը, իսկ Երուսաղէմէ կարծիք հարցնելու խօսքը, լոկ ճոռոմաբանութիւն մը եղած կը տեսնուի, եւ ոչ իրական կամք կամ եղելութիւն մը: Վրթանէսի կողմէն Մովսէսի գրուած երրորդ թուղթը Ուխտանէսի մէջ երկուքի բաժնուած է (ՈՒԽ. 49 եւ 50), մինչ Գիրք Թղթոցը երկուքը միահետ կը դնէ (ԹՂԹ. 141-145): Վրթանէս այդ գրուածին մէջ, Մովսէսի խնդրանաց վրայ, քաղկեդոնեան խնդրոյն վերջին մասին պատմութիւնը կ՚ընէ, թէ ինչպէս Անաստասի հրովարտակէն ետքը Յուստինոս գործը այլայլեց, եւ Քաղկեդոնի ընդունելութիւնը բռնի հրամայեց, ուր թէպէտ ինչ ինչ զրոյցներ ալ խառնուած են, սակայն խնդիրը լրջօրէն բացատրուած է:

407. ԹՂԹՈՑ ԳԻՐՔԸ

Այդ վերջին գրութիւնները տեղի ունեցած են 606 տարւոյ ընթացքին մէջ, իսկ թղթակցութիւնները եւ ջանքերը դադարած են Կիւրիոնի կողմէ ցուցուած բացարձակ ընդդիմութեան վրայ, որք անօգուտ կը դարձնէին այլեւս ամէն փորձ ու ճիգ: Վրթանէս ինքն ալ Մովսէսը հանդարտութեան կը յորդորէ, դու տէր, աղօթեա ` խրատովը, մանաւանդ որ աթոռոյ պարապութեան վերջ տալու գործը ամենուն միտքին մէջ կը զօրանար, եւ ի ժամուս պնդեալ են առաջնորդ կարգել, կ՚ըսէ Վրթանէս (ԹՂԹ. 14), որով համբերութեան կը հրաւիրէ եռանդոտ Ցուրտաւացին: Այդպէս կ՚անցնի 606-ի վերջին մասը: Իսկ Մովսէս Յովհաննավանքի առանձնութեան ձանձրութիւնը կ՚ուզէ փարատել, քաղկեդոնական խնդրոյն վրայօք եղած գիրքերը ու գիրերը հաւաքելով եւ արտագրելով, որպէսզի լիագոյն ուսումնասիրութեամբ կարենայ օր մը մաքառիլ Կիւրիոնի եւ անոր համախոհներուն հետ, որուն կը յուսայ պատեհը ունենալ, երկուց աշխարհաց եպիսկոպոսներով եւ իշխաններով գումարուելիք ժողովի մը մէջ: Մովսէս իր երրորդ նամակին մէջ Վրթանէսի կը գրէ, թէ ստացած է Տիմոթէոս Աղեքսանդրացիի զգիրս բովանդակ, եւս եւ բոլոր այն թուղթերը որ ի սուրբ եկեղեցւոջդ առ ձեզ գտան: Իր ձեռքը հասած են նաեւ այլ թուղթք բովանդակ տեղեաց տեղեաց երանելի վարդապետաց: Ասոնք ամէնքը հաւաքեցի եւ զամենայնն գրեցի կ՚ըսէ, եւ կը խնդրէ որ Զենոնի եւ Անաստասի հրովարտակներն ալ յղէ, եւ միանգամայն տեղեկացնէ, թէ որպէս վերջին անգամ նորոգաձեւութիւնն շարժեալ կործանեաց զբազում եկեղեցիս (ԹՂԹ. 140), այսինքն է կ՚ուզէ գիտնալ Յուստինոսի ժամանակ քաղկեդոնականութեան զօրանալուն պատմութիւնը, զոր արդէն յիշեցինք 406): Մովսէսի այդ աշխատութիւնը կարծել տուաւ ոմանց, թէ նոյնինքն Մովսէս Ցուրտաւացին եղած ըլլայ Գիրք Թղթոցին հեղինակը (ԱԿԻ. 43): Սակայն մեր կարծեօք շտապուած դատողութիւն մըն է այս, աննշանակ առնչութեան մը վրայ հիմնուած: Մովսէս իր կիրառութեան համար հաւաքածոյ մը կազմելու աշխատած է, եւ ոչ թէ հանրային երկասիրութիւն մը պատրաստած, նա ոչ թէ Հայոց Եկեղեցւոյ Թղթոց հաւաքումն է կազմած, այլ ամբողջ գիրքեր ալ անցուցած է իր հաւաքածոյին, ինչպէս կը յիշէ Տիմոթէոս Աղեքսանդրացւոյն գիրքերը: Գիրք Թղթոցը Հայոց հայրապետանոցին մէջ սկսած պաշտօնական հաւաքածոյ մըն է, եւ անկէց է որ Մովսէս կը ստանայ եւ կ՚ընդօրինակէ, անկէց է որ իր պակասներն ալ կ՚ուզէ, հետեւաբար ինքն չէ անոր առաջին հեղինակը: Սոյն Գիրք Թղթոցին մէջ նշանաւոր տեղ մը կը գրաւեն նոյնինքն Մովսէսի գիրերը, եւ դժուարին կ՚ըլլայ հաւատացնել, թէ նա ինքզինքն ալ հեղինակութեանց կարգ անցուցած ըլլայ: Ուստի չենք կարծեր որ արդարանայ Ցուրտաւացին Գիրք Թղթոցի հեղինակ ըսելու կարծիքը, այլ պէտք է ընդունիլ թէ այն հետզհետէ կազմուած է Դըւնայ կաթողիկոսարանին մէջ, իբրեւ դիւան հայրապետանոցի, եւ հետզհետէ բարդուելով իր կանոնաւոր լրումը ստացած է Օձնեցիին ձեռքով, վասնզի անկէ ետքը եղած յաւելուածները շատ անկանոն եւ կցկտուր ձեւ մը առած են (ԹՂԹ. Ե. ):

408. ՍՄԲԱՏ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երեք տարի կ՚ըլլար որ Հայոց կաթողիկոսական աթոռը պարապ կը մնար, բայց երբէք կաթողիկոսի ընտրութեան խորհուրդը բարձի թողի եղած չէր: Վրթանէս առաջին թուղթին մէջ, զայն ի մօտ աւուրս կը ցուցնէր, եւ երկրորդ թուղթին մէջ ի ժամուս պնդեալ են կ՚ըսէր, բայց կատարումը կ՚երկարէր: Յունական բաժինին մէջ Բագարանցին կար, նոր կաթողիկոս մըն ալ Պարսկական բաժինին մէջ աղիտաբեր կրնար ըլլալ, եթէ Յունական բաժինին եպիսկոպոսները առանց իրենց ընտրուած կաթողիկոսը ընդունիլ չուզէին. իսկ երկու կողմերը համաձայնելով ընտրութիւն կատարելու համար, Պարսկական կողմը պէտք եղած ազդեցութեան տէր մէկը չկար, մինչ Յունական բաժինին մէջ ազդու կերպով կը գործէր Սորմենաս ստրատելատ 401), եւ այն կողմի նախարարներն ալ չէին կարող ընդդիմանալ: Ազգին մէջ միակ ազդեցութեան տէր անձը Սմբատ Բագրատունին էր, բայց այն ալ հեռի հայկական կեդրոնէն Վրկանի մարզպանութիւնը կը վարէր, պատերազմներով զբաղած էր, եւ տեղէն չէր կրնար հեռանալ, եւ եթէ կարենար ալ` առանց արքունի թոյլտուութեան մեկնիլ օրէն չէր: Միւս կողմէն հնար չէր որ Սմբատ անտարբեր մնար ազգային գործերուն, եւ յարաբերութիւն չունենար տեղապահութեան հետ: Պէտք է ըսել, որ երբ Վրթանէս մերձակայ ընտրութեան վրայ կը հիմնուէր, Սմբատ 8 տարի Վրկանի մարզպանութիւնը վարելէն ետքը, արքունի դուռը կ՚երթար, եւ բազում մեծարանօք կ՚ընդունուէր, եւ արտօնութիւն կ՚առնէր երթալ տեսնել զերկիր իւր, եւ հրաման կը ստանար շինել զեկեղեցի Սրբոյն Գրիգորի որ ի Դուին, շարժումի ատեն կործանածը, եւ միանգամայն կը փութար խնդրել հրաման յարքայէն, զի կարգեսցեն տեսուչ խնամող եկեղեցւոյ, այսինքն է որ կաթողիկոս ընտրեն: Սմբատի այդ հրամաններով գալը կը ցուցնէ, թէ առաջուընէ պատրաստած էր ընելիքը, եւ թէ ուղղակի Հայաստանի գործերուն համար կու գար, անանկ որ երթալ տեսանել զերկիր իւր բացատրութիւնը, անգամ մը իր տունը գալ տեսնել պիտի չիմացուի, այլ իր ազգին գործերը տեսնել կարգադրել (ՍԵԲ. 102): Մինչեւ իսկ Ուխտանէս կը համարձակի գրել Սմբատի համար, թէ ելից զթերութիւն թագաւորի եւ զպակասութիւն հայրապետի (ՈՒԽ. Բ. 56), որով աւելի եւս կը հաստատուի Սմբատի վարած իշխանաւոր դերը: Իրեն համար ըսող ալ կայ թէ մարզպան էր Հայոց (ՈՒԽ. Բ. 17), կամ թէ մարզպան էր Հայոց ի հրամանէ Խոսրովու (ԱՍՈ. 86), բայց պէտք չէ իմանալ որ Հայաստանի մարզպանութիւնն ալ Սմբատի տրուած ըլլայ Վրկանի մարզպանութեան հետ. այլ միայն բացառիկ իշխանութիւն մը կրօնական գործերը կարգադրելու: Որովհետեւ Շահրայէնպետ մարզպանէն ետքը, զոր վերջին անգամ յիշեցինք 400), մարզպանութիւնը վարած են Պարսեանպէտ Պարշընազդատ, ապա Նամգարուն Շոնազպ, ապա Շահրապղական, ապա Ճռոճ Վեհտն, որով կը հասնինք Հերակլի կայսրութեան ատենը (ՍԵԲ. 126), եւ այս շարքին մէջ Սմբատ բնաւ չի յիշուիր:

409. ԺԱՄԱՆԱԿԱՑ ՃՇԴՈՒԹԻՒՆ

Սմբատին գալէն ետքը կատարուած եղելութեանց չանցած, պէտք կ՚ըզգանք ժամանակագրական խնդիրին վրայ քանի մը խօսք ըսել, առիթ առնելով նոր կաթողիկոսի ընտրութեան թուականէն, որ Հայ ժամանակագրութեան համար հաստատուն կռուան մըն է, ինչպէս կանուխէն ալ ըսինք, թէ անոր վրայ հիմնուելով կազմած ենք մեր ալ ժամանակագրութիւնը 331): Երկու ձեռնարկներու կամ պաշտօնական յայտարարութիւններու մէջ, զորս կու տան Հայ եպիսկոպոսներ, յստակօրէն կը յիշեն եօթնուտասներորդ ամի Ապրուէզ Խոսրովու արքայից արքայի թուականը (ԹՂԹ. 139, 151), միեւնոյնը կը կրկնէ Ուխտանէս իր պատմութեան զանազան տեղերը (ՈՒԽ. Բ. 3, 57, 62), մինչ Սեբէոսի մէջ յամի ութեւտասներորդի կը կարդանք (ՍԵԲ. 102), չեմ գիտեր թէ գրչագիրը կամ տպագիրի շփոթութեամբ: Ամէն առթի մէջ, որովհետեւ թէ պարսկական տոմարի տարեգլուխը, եւ թէ Խոսրովի գահակալութեան սկիզբը 590 Յուլիսէն կը սկսին (ՆՕԼ. 435), իր 17-րդ տարին 606՚է 607 թուականին կ՚իյնան, եւ կաթողիկոսի ընտրութիւնն ալ Զատիկին օրերը կատարուած ըլլալուն, 607 Զատիկին հարկ կը լինի դնել: Ըստ այսմ 607 տարին, որ է Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցիի ընտրութեան թուականը, այլեւս ընդունուած է իբր ժամանակագրութեան հաստատուն կռուան: Իսկ Սմբատի Հայաստան գալուն ժամանակը աւելի կանուխ պէտք է նշանակել, եւ մեր կարծեօք 606 տարւոյ վերջերը, որովհետեւ բաւական գործողութիւններ տեղի ունեցան ընտրութիւնը կատարելէ առաջ:

410. ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Սմբատ ընելիքին վրայ կանխաւ խորհած ու մտածած ըլլալով, հազիւ թէ հասաւ, անմիջապէս բանակցութեան մտաւ երկու բաժիններու եպիսկոպոսներուն հետ, եւ միաբանեալ ամենայն Հայոց երկուց կողմանցն, որ ի Յունաց բաժնին եւ որ ի Պարսից (ՕՐԲ. Ա. 141), Բագարանցիին հակաթոռ մը լինելը յայտարարեց, եւ աթոռին նորէն կաթողիկոս մը ընտրելու հարկը ամենուն հաւանութեամբ հաստատել տուաւ: Այս տեսութեամբ եպիսկոպոսաց ժողով մը հրաւիրեց, երկու բաժիններուն համերաշխ մասնակցութեամբ, ուր սակայն նախարարներու ներկայութեան յիշատակութիւն չկայ: Յունական բաժինին նախարարները հարկաւ պիտի զգուշանային կայսրէն եւ ստրատելատէն ակնածելով, եւ որովհետեւ պատճառը անընդունելի չէր, Պարսկական բաժինին նախարարներն ալ համաձայնած են համերաշխութեամբ գործել եւ իրենք ալ քաշուիլ` բոլոր հոգն ու պատասխանատուութիւնը եկեղեցականներուն վրայ թողլով: Հրաւէրին կը պատասխանեն 50 եպիսկոպոսներ եւ 390 վարդապետներ եւ քահանաներ, եւ ժողովի կը գումարուին Դուինի եկեղեցին: Եկողներուն գլխաւորներն են Թէոդորոս Մարդպետական, Յովհաննէս Արծրունեաց, Քրիստափոր Սիւնեաց, Մանասէ Բասենոյ, Աբրահամ Ռշտունեաց, Յովհաննէս Ամատունեաց, Գրիգոր Անձեւացեաց, Սիոն Գողթան, Ահարոն Մեհնունեաց, Ներսէս Բուժունեաց, Յոհանիկ Ելոյ կամ Կայէնի, եւ Թադէոս Առնոյ եպիսկոպոսներ (ԹՂԹ. 146): Ուխտանէս զանց կ՚ընէ Արծրունեաց եւ Կայէնի եպիսկոպոսները յիշել, բայց Գիրք Թղթոցին մէջ յիշուած են: Իսկ վիճակներու մասին, Առնոյ վիճակը պէտք է նոյնացնել Առնոյոտն գաւառին հետ, Բուժունեացը Բզնունեաց գրուած է Ուխտանէսի մէջ, իսկ Գիրք Թղթոցին մէջ Ելոյ գրուածը Ուխտանէսի մէջ Կայելոյ է (ՈՒԽ. Բ. 57), եւ այդ անունով տեղ չգտնուելուն, Կայէնի ուղղագրուած է իրաւամբ(ՈՒԽ. Բ. 64): Ժողովին գլուխը կը գտնուին հարկաւ Վրթանէս տեղապահ եւ Սմբատ մարզպան, թէպէտ այստեղ յիշուած չեն: Յունական Բաժինէն էին Մարդպետական եւ Բասենոյ եւ Ամատունեաց եպիսկոպոսներ, եւ հարկաւ ուրիշներ ալ կային 38 եպիսկոպոսներուն մէջ, որոնց անունները չեն յիշուած: Յատուկ նկատողութեան արժանի է Սիւնեաց եպիսկոպոսին ներկայութիւնը, որ վաղուց հայրապետական աթոռին հետ յարաբերութիւնները խզած էր, եւ որուն վրայ առաջիկային կը թողունք խօսիլ: Բայց չենք կրնար չդիտել, որ մեծ աշխատութեան եւ ազդեցութեան պէտք ունեցած է Սմբատ, իրարմէ բաժնուած եպիսկոպոսները իրարու մօտ բերելու:

411. ԸՆՏՐՈՂԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Ժողովական առաջին նիստը գումարուած է մարերի ամսոյ սկիզբը, որ 607 տարին կը սկսէր Մարտ 25-ին, նպատակ ունենալով կարգել կաթողիկոս Հայոց, սակայն չեն կրնար ընտրութիւնը կատարել, որովհետեւ խափանեցան այն անգամ (ԹՂԹ. 146): Պատմիչը կը յարէ թէ գոգցես իբրեւ ի տեսչութենէ Աստուծոյ եղեւ այն (ՈՒԽ. Բ. 55), որովհետեւ հաւաքուածներուն մէջ կային այնպիսիներ, որ քաղկեդոնական դաւանութեան յարած էին, ոմանք յաղագս սնոտի փառասիրութեան եւ աչառութեան, եւ կէսք ակամայ բռնադատեալք, եւ այլք առ տգիտութեան եւ կամ անձեռնհաս լինելոյ (ԹՂԹ. 146), եւ պէտք էր որ նախապէս հաւատոյ ուղղութիւնը հաստատուէր, եւ իւրաքանչիւրին դաւանութիւնը յայտնուէր, որպէսզի ըստ այնմ ընտրուէր եկեղեցւոյն պետը: Այդ նպատակով ժողովը նորոգեց նախկին ազգային ժողովներուն վճիռը, եւ մերժեց Սաբելիոս, Արիոս, Եւնոմիոս, Մանի, Մարկիոն, Պօղոս Սամոստացի, Թէոդորոս, Դիոդորոս, Նեստոր, Թէոդորոտոս, Եւտիքոս, Սեւերոս, Անդրէաս եւ Եւզոյիոս հերձուածողները, Քաղկեդոնի ժողովը եւ Լեւոնի տոմարը, եւ իբրեւ երկպառակութեան պատճառ այդ վերջիններուն վրայ ծանրանալով, եօթն սահմանեալ գլխով (ՈՒԽ. Բ. 60), կարգադրեց ուղղափառութեան դառնալու կամ ուղղափառութիւնը հաւաստելու պայմանները: Այդ եօթն կանոնները, ժողովական ատենագրութեան համաձայն հետեւեալներն են (ԹՂԹ. 147): 1. Այն եպիսկոպոսները, որ բռնութեամբ կամ տգիտութեամբ շեղած է, եւ կը զղջայ, ձեռագրով եւ հրապարակաւ պէտք է հերքէ, եւ գլխաւոր վարդապետն կրնայ ապաշխարութեամբ ընդունիլ, եւ ամենայն եպիսկոպոսաց քննութեամբ աթոռին վրայ պահել: 2. Իսկ այն, որ կամաւ շեղած է եւ կը զղջայ եւ ձեռագրով կը հերքէ, գլխաւոր վարդապետն կրնայ յոլով ապաշխարութեամբ ընդունիլ, իսկ աթոռին դարձնելը կը մնայ կաթողիկոսին ամենայն եպիսկոպոսօք: 3. Անիկա որ անգամ մը դառնալով կրկին շեղած է եւ կը զղջայ, գլխաւոր վարդապետն կրնայ խստագոյն ապաշխարութեամբ ընդունիլ, իսկ աթոռին դարձնելու համար պէտք է որ ուղղութիւնս եւ կրօնս առաքինութիւն ցուցցէ, եւ որոշումը ամենայն եպիսկոպոսաց կամքով տրուի: 4. Անոնք որ մեր եկեղեցիէն չըլլալով, մեզի կը դառնան ու կու գան, եպիսկոպոս կամ քահանայ, իբրեւ աշխարհական ընդունուին: 5. Եթէ քահանաներէն մէկը դարձի կու գայ, պէտք է միայն իր եպիսկոպոսէն ընդունուի, եւ ոչ երբէք ուրիշ եպիսկոպոսէ կամ վանահայրէ: 6. Ով որ այդ կանոնական սահմանները կ՚ընդունի, օրհնութեան կ՚արժանանայ: 7. Ով որ ժողովին կանոններու անսաստէ` նզովքի կ՚ենթարկուի, ինչ աստիճանէ ալ ըլլայ, եպիսկոպոս կամ քահանայ, իշխան կամ ժողովրդական: Այդ կանոններուն մէջ գլխաւոր վարդապետ կոչուածը, նոյն ինքն տեղապահն է, որ իբրեւ գլուխ եպիսկոպոսական խումբին ընտրութենէ առաջ պէտք եղածը պիտի գործադրէ, իսկ 2-րդ կանոնին մէջ կաթողիկոսին վերապահուած կէտը, հարկաւ ընտրութենէն ետքը թողուած կը նկատուի:

412. ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՁԵՌՆԱՐԿ

Այդ կանոնները ժողովական վճռով հաստատուելէն ետքը, բոլոր ժողովականներէն ձեռնարկ կը պահանջուի, այսինքն է իրենց դաւանութեան ստորագրեալ յայտարարութիւն, եւ որպէսզի այն ոմանց համար ստորնացուցիչ ձեւ չառնէ, ամենէն առաջ այդ ձեռնարկը կու տան այն եպիսկոպոսները, որք երբեք շեղած չէին եւ որոնց վրայ կասկած ալ չկար: Այս ձեւը նոյնինքն Սմբատի մէկ մտածմունքը եղած է, ինչպէս յայտնապէս ալ գրուած է, թէ ձեռնարկը խնդրեաց Սմբատ Վրկան մարզպան: Ամենէն առաջ ձեռնարկը կը ստորագրեն վերը յիշուածներէն Բասենոյ, Սիւնեաց, Ռշտունեաց, Ամատունեաց, Անձեւացեաց, Գողթան, Մեհնունեաց, Բուժունեաց, Առնոյ եւ Ելոյ կամ Կայէնի եպիսկոպոսները (ԹՂԹ. 149), որոնք գումարման առթիւ իբրեւ գլխաւորներ յիշուեցան 410): Ուխտանէսի օրինակին մէջ Մարդպետական եպիսկոպոսն ալ յիշուած է (ՈՒԽ. Բ. 57), սակայն պէտք չենք տեսներ անոր անունն ալ աւելցնել, քանի որ յետոյ անոր անունը ուրիշ դասակարգի մէջ պիտի տեսնենք: Ձեռնարկը գրուած է յանուն Սմբատ Վրկան մարզպանի, եւ տեառն Գիգայ Դաշտկարանի, եւ վարդապետի Հայոց Շարսաղարի: Սմբատի անունը յայտնի է, Շարսաղարն ալ գիտենք թէ է Վրթանէս այս վարդապետ Հայոց Շարուղար (ՈՒԽ. Բ. 60), թէպէտ չկարենանք ճշդել Շարսաղար կոչման բուն իմաստը: Իսկ Գիգ տէր Դաշտկարանի, անծանօթ մնացած է պատմութեան մէջ: Այլ դիտելով որ միշտ մարզպանէն ետեւ եւ տեղապահէն առաջ յիշուած է, պէտք է ըսել թէ բարձր դիրք ունեցող մէկն է, ինչպէս կրնայ ըլլալ Պարսիկ մարզպանին հետ գտնուող եւ հազարապետութեան պաշտօն վարող Հայ նախարարը: Բայց Գիգ եւ Դաշտկարան անունները, ոչ Հայ անձի եւ ոչ Հայ գաւառի մը վրայ յիշուած են, եւ կրնայ մտածուիլ որ Հայ հազարապետը պարսիկ կոչում առած է, կամ թէ Գիգ անունը Գրիգորի աղաւաղեալն է, ինչպէս տեսանք Ներսէսը Ներս եւ Մուշեղը Մուշ եղած: Իսկ տրուած ձեռնարկը համառօտ յայտարարութիւն մըն է սուրբ եւ ուղղափառ հաւատոյ, համաձայն մեր հարանց եւ երանելի վարդապետաց դաւանութեան, եւ հերքումն ամէն հերձուածողաց, Քաղկեդոնի ժողովն ու Լեւոնի տոմարն ալ մէկտեղ (ՈՒԽ. Բ. 149): Եւ որպէսզի գործը երկկողմանի ըլլայ, փոխադարձաբար Սմբատ մարզպան եւ Գիգ Դաշտկարան եւ Շարսաղար վարդապետ ալ նոյն ձեռնարկը մատուցին եպիսկոպոսաց դասուն (ԹՂԹ. 158) եւ Սմբատ ամէնքն ալ ստորագրել եւ մատանեօք կնքել տալով ի պահ դրաւ, եւ եդ ի սուրբ եկեղեցւոջն (ՕՐԲ. Ա. 143): Թղթոց Գիրքը եւ Ուխտանէս պատմիչ յայտնի չեն ըսեր թէ միւս 40 եպիսկոպոսներն ու 390 քահանաներն ալ, որ ժողովի գումարուած էին, նմանօրինակ ձեռնարկ մը տըւին, սակայն հնար չէ հակառակը մտածել, քանի որ նոյնիսկ գլխաւորներ կամովին այդ պայմանին ենթարկուեցան: Հարկաւ այն բազմութենէ իւրաքանչիւրին պարագան ու դիրքը, ժողովով հաստատուած կանոններուն համեմատ քննուեցաւ եւ որոշուեցաւ, եւ ըստ այնմ ժողովին մասնակցելու ընդունուեցան: Ըստ այսմ յառաջ բերուած ձեռնարկի պատճէնը պէտք է ընդունիլ, իբր ամենուն տուած յայտարարութեան նմոյշը: Այդ աշխատութիւնը պէտք էր քանի մը շաբաթ զբաղում տար ժողովին գլխաւորներուն, եւ իրօք ալ միջոց մը անցաւ մինչեւ ժողովին երկրորդ նիստը, որուն մէջ պիտի կատարուէր կաթողիկոսական ընտրութիւնը: Մարերի ամսոյն սկիզբը` Մեծպահոց կէսին, երրորդ եօթնեկի Շաբաթ օրը կ՚իյնար այն տարի, իսկ ընտրութիւնը Զատկէ առաջ չկրցաւ կատարուիլ: