Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ Ա. ԱՂՑԵՑԻ

441. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Կոմիտասի ծննդավայրն է Արագածոտն գաւառի Աղցք գիւղը, որով դիւրութիւն ունեցած է Դըւնայ հայրապետանոցին աշակերտիլ Եղիվարդեցի Մովսէս կաթողիկոսի օրով, եւ այնտեղ յառաջելով Ս. Հռիփսիմէի վկայարանին փակակալ անուանուիլ, ուսկից ետքը ձեռնադրուած է Տարոնոյ եւ Մամիկոնէից եպիսկոպոս (ՅՈՎ. 95): Աբրահամի ընտրութեան միջոցին Տարոնոյ եպիսկոպոսի անուն յիշուած չէ 410), թէպէտեւ Բագրեւանդացի եւ Գաբեղեան կաթողիկոսներու օրէն տեսանք Տարոնոյ եպիսկոպոսներուն վայելած մեծ դիրքը եւ գործունէութիւնը: Կը հետեւցնենք թէ նոյն միջոցին դատարկ էր Տարոնոյ աթոռը, եւ թէ Աբրահամ եղաւ Կոմիտասը նոյն աթոռին վրայ հաստատողը: Անկէ ետքն է որ թէ աթոռին իրաւունքով եւ թէ անձնական արժանիքով` Կոմիտաս կը սկսի գործի գլուխ գտնուիլ, եւ երբ պէտք կ՚ըլլայ վասն բռնութեան աշխարհին պատգամաւորութիւն յղել թագաւորին, երկու պատգամաւորներուն առաջինն է Կոմիտաս, եւ երկրորդն է Մատթէոս Ամատունեաց եպիսկոպոս (ՍԵԲ. 190), Յովհաննէսի յաջորդը, որոնց անունները միշտ յիշուած տեսանք գլխաւոր գործողութեանց մէջ: Բայց թէ ինչ բռնութիւն էր, զոր թագաւորին ձեռքով պիտի հեռացնէին պատգամաւոր եպիսկոպոսները, բնաւ բացատրուած չէ, եւ գաղտնիքը լուծելու միակ բանալին Կոմիտասին եպիսկոպոսութեամբ երթալն եւ կաթողիկոսութեամբ դառնալն է (ԹՂԹ. 218): Ըստ այսմ մենք ալ համամիտ ենք ընդունիլ, թէ յիշուած բռնութիւնը կաթողիկոսական ընտրութեան արգելքն էր, որ նորէն տեղի ունեցեր էր Աբրահամի մեռնելէն ետքը: Մովսէսի մահուընէ ետք կաթողիկոսական ընտրութեան յապաղիլը, Նեստորականներու կաթողիկոսական ընտրութեան մասին տրուած հրամանները 439), եւ նոյնիսկ Եդեսիոյ եպիսկոպոսին ընտրութեան համար թագաւորական արտօնութիւն ստացուած ըլլալը (ՅԱՐ. 156) կ՚ապացուցանեն, թէ Պարսից թագաւորներ` գլխաւոր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ընտրութիւնը առանց իրենց հաւանութեան թող չէին տար կատարել: Այդ բանին հաստատութիւնը ունինք նոյնիսկ Սահակ Պարթեւի եւ Յովսէփ Հողոցմեցիի եւ Գիւտ Արահեզացիի օրով տեղի ունեցած Պարսիկ արքունիքի միջամտութեանց մէջ: Բայց եթէ Կոմիտաս Տիզբոն երթալով կաթողիկոսութեան հաստատութիւն ստացաւ, հարկաւ ինքնագլուխ կերպով աթոռը յափշտակող չեղաւ, եւ ոչ ալ Սմբատ Բագրատունի միայն իր կամքով եւ ազդեցութեամբ Հայոց կաթողիկոսը կրցաւ նշանակել, երկու թելադրութիւններն ալ հեռի են Կոմիտասի եւ Սմբատի ուղղութենէն եւ նկարագիրէն: Ուրեմն պէտք է ընդունիլ, թէ Հայեր իրենց մէջ կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարեցին Կոմիտասի վրայ, բայց գործին ձեւակերպութիւն եւ հռչակ չտուին` դժուարութիւն չյարուցանելու համար, եւ նոյնիսկ Կոմիտասը Տիզբոն ղրկեցին, Մատթէոսի պէս նախաձեռնարկ եւ գործունեայ եպիսկոպոսի մը ընկերակցութեամբ, եւ Սմբատի յանձնարարեցին գործին պաշտօնական մասը լրացնել, ինչ որ դժուար չէր, նկատելով Սմբատի վայելած ազդեցութիւնն ու վստահութիւնը: Եթէ ներեալ է ենթադրութեանց մէջ աւելի յառաջել, գուցէ կանուխէն Աբրահամի ալ հրաւէր ղրկուած էր Պարսից ժողովին գալ կամ պատուիրակներ ղրկել եւ իր տեսութիւնը հաղորդել, եւ մահը վրայ գալով եւ յաջորդութեան խնդիրը կնճռոտելով, Հայեր պարտաւորուած էին լռելեայն ընտրութիւն կատարել եւ ընտրեալը Տիզբոն ղրկել` պաշտօնական ձեւերը լրացնելու համար:

442. ՀԱՒԱՏՈՅ ԳԻՐԸ

Կոմիտաս Տիզբոն եղած ատենէն կը սկսի իր հայրապետական իշխանութիւնը գործածել, Հաւատոյ Գիր մը կամ ուղղափառ դաւանութեան ընդարձակ բացատրութիւն մը ներկայելով Պարսից ժողովին, զոր քանիցս յիշեցինք: Կոմիտաս անոր մէջ ինքզինք բացարձակապէս Կաթողիկոս Հայոց չի կոչեր, այլ կը ստորագրէ, Ես Կոմիտաս Մամիկոնէից եպիսկոպոս, որ յաջորդեցայ ի կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծաց (ԹՂԹ. 218), որ աւելի ընտրեալ կաթողիկոս իմաստն ունի, ինչպէս մենք այսօր մեր ճշդաբանութեամբ պիտի գրէինք: Ասոր պատճառ կը նկատենք, որ ազգային ընտրութենէ եւ պետական հաստատութենէ ետքը նուիրական արարողութեան կամ օծման ալ պէտք ունէր, որպէսզի կանոնաւորապէս կաթողիկոս ըսուէր: Հաւատոյ գիրին շարժառիթը կը բացատրէ ըսելով, թէ ի խնդրոյ ձերմէ, հրամանաւ տերանց ետու զյետկարս զայս (ԹՂԹ. 218): Խնդիր ընողներն են Պարսկաստանի եւ Ասորեստանի եպիսկոպոսները, որոնցմէ ինը հատը յանուանէ կը յիշուին 429), եւ որոնց կ՚ուղղուի խօսքը, թէ, խնդրեցիք զհաւատ քրիստոսասէր Հայոց, որք ի դրան արքունի հասեալ կայիք, այսինքն մայրաքաղաքի մէջ հաւաքուած էիք: Իսկ հրաման տուող տեարք, պէտք է իմացուին քրիստոնեայ նախարարներ, որովհետեւ կը գրէ, թէ յետկարը տուած է առաջի նախարարաց Հայոց եւ այլ ազգաց ազգաց քրիստոնէից, որք ի դրան արքունի հասեալ կային, մանաւանդ առաջի մեծի տանուտեառն Խոսրովշնում կոչեցելոյ, որոյ ճանաչիւր անուն Սմբատ, յազգէ Բագրատունեաց (ԹՂԹ. 218): Այդ բացատրութիւնը հնար չէ իմանալ, իբր այն թէ պէտք եղած ըլլայ իր ուղղափառութիւնը դաւանիլ, որպէսզի կաթողիկոսութիւնը հաստատուի, որովհետեւ ժողովական եպիսկոպոսներ զհաւատ քրիստոսասէր Հայոց ուզած էին գիտնալ, այսինքն Հայոց Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը: Նախարարներն ալ, որք ժողովին կը մասնակցէին, տարբեր նպատակ չէին կրնար ունենալ: Բաց աստի ով որ հաւատոյ դաւանութիւն պիտի տայ, համառօտ բանաձեւ մը կը ստորագրէ, ինչպէս տեսանք Աբրահամի ընտրութեան առթիւ փոխանակուած ձեռնարկները (ԹՂԹ. 149), մինչ Կոմիտասի հաւատոյ գիրը ընդարձակ վարդապետութիւն մըն է, ուր յառաջ կը բերուին Ս. Գրոց եւ ժողովոց վկայութիւնները, կը բացատրուին զանազան մոլորութիւնները, եւ կ՚աւանդուին հայրապետական յորդորներ, որոնց մանրամասնութեանց մտնել պէտք չենք տեսներ, որովհետեւ քիչ ու շատ ծանօթ նիւթեր են, որ ամէն հաւատոյ գիրերուն մէջ կը գտնուին: Կոմիտասի յայտարարութիւնը ընդարձակ ցուցակ մը ունի նզովուած աղանդաւորներու, որոնցմէ 25 եւ աւելի անուններ կը յիշէ, եւ այս կարգին են եւս Եւտիքոս, Սեւերոս, Գայինոսեանք, եւ Քաղկեդոնի ժողովը: Աներկբայ է, որ Հայոց Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը, նոյն եկեղեցւոյ պետին բերնով բացատրուած, մեծ ծանրակշռութիւն ունեցաւ Տիզբոնի մէջ գումարուած Պարսից ժողովին որոշմանց վրայ, ինչպէս որ իր կարգին ակնարկեցինք 438):

443. ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կոմիտաս պետական հաստատութեամբ կաթողիկոսութեան տիրացած Դուին կը դառնայ 616-ին, սակայն իր ընտրութիւնը կրնանք 615-էն հաշուել, հիմնուելով ազգին կողմէն կատարուած լռին գործողութեանց վրայ: Կոմիտասի գործունէութեան պատմութեան չմտած, պէտք ունինք անոր պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը ճշդել, որովհետեւ նորէն պատմագիրներու եւ գաւազանագիրներու տուած թիւին հետ անհամաձայնութեան մէջ կը գտնուին ժամանակակից եղելութիւնները: Անոնք համաձայնութեամբ 8 տարի միայն կու տան Կոմիտասի կաթողիկոսութեան, Միխայիլ միայն 26 տարի կը նշանակէ (ՔԱՀ. 36), հարկաւ գրչագիրի սխալանօք: Այս կերպով 615-էն սկսելով 623-ին վերջացած պիտի ըսուէր Կոմիտասի կաթողիկոսութիւնը: Սակայն միւս կողմէն կը տեսնենք որ Վարազտիրոց մարզպան Հայաստան հասնելով կը տեսնէր որ մեռեալ էր երանելին Կոմիտաս կաթողիկոսն (ՍԵԲ. 153), իսկ Վարազտիրոց Կաւատէ անուանուեցաւ, եւ Կաւատ 628-ին թագաւորեց ճշդուած ժամանակագրութեամբ: Թէպէտ գրուած է, որ Վարազտիրոցի հասնելուն կայր տեղին անհրամանատար, այսինքն ոչ կաթողիկոս կար եւ ոչ տեղապահ, սակայն հնար չէ հինգ տարի աթոռոյ պարապութիւն ընդունիլ, այն ալ առանց տեղապահի իսկ, մինչ Մովսէսէ ետքը օրինաւոր տեղապահութիւն կարգադրուած էր, մանաւանդ որ այսպիսի ընդարձակ պարապութիւն մը, հարկաւ պատմութեան մէջ յիշուած կ՚ըլլար: Ուստի պէտք է ըսել թէ Վարազտիրոցի հասնելուն Կոմիտաս նոր վախճանած էր, որով մահը տեղի ունեցած կ՚ըլլայ 628-ին, եւ ոչ թէ 8 այլ գրեթէ 13 տարի կաթողիկոսութիւն հարկ կը լինի տալ Կոմիտասին, ժամանակակցութիւնները պահպանելու համար:

444. ՀԵՐԱԿԼԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Կոմիտասի կաթողիկոսութեան ամբողջ միջոցին կը գտնենք Խոսրովը Պարսից եւ Հերակլը Յունաց արքայական գահերուն վրայ: Առաջին տարիներու մէջ կը շարունակեն Յունաց երկիրներու վրայ Պարսից յարձակումները, եւ գլխաւորապէս Ասորւոց եւ Փոքր Ասիոյ գաւառներէն, որ պատերազմի դաշտ կ՚ըլլան, որով Հայաստանի թէ Պարսկական եւ թէ Յունական բաժինները համեմատական հանդարտութիւն կը վայելեն, չմոռնալով յիշել որ Յունական բաժինն ալ ստէպ Պարսիկներէն գրաւուած էր: Հերակլ կը շարունակէր իր նախադասած ընթացքը, այն է խաղաղական միջոցներով եւ վստահութիւն ներշնչելով` Խոսրովին սիրտը շինել, եւ տանելի պայմաններով հաշտութիւն հաստատել: Սակայն ելքը իր նպատակին չէր համապատասխաներ, ընդհակառակն Խոսրովի խրոխտանքը կը զօրանար, եւ կայսրութեան մէջ ալ գանգատներ կը շատնային Հերակլի թուլութեան եւ տկարութեան վրայ: Վերջապէս Հերակլ ալ կը համոզուի իր քաղաքականութեան անօգուտ լինելուն, եւ կը ցնցուի Խոսրովի նամակէն, որ քրիստոնէութիւնն ալ կ՚անարգէր, զինքն ալ կը նախատէր 436): Զինուորական մեծամեծներու հետ, եկեղեցականներն ալ ձայն բարձրացուցին Սարգիս պատրիարքի գլխաւորութեամբ, եւ վերջապէս բոլոր զօրութեամբ պատերազմի ելլելու որոշումը տրուեցաւ: Հերակլ ուզեց անձամբ ստանձնել պատերազմին հրամանատարութիւնը, եւ կայսրութեան աթոռակցութիւնը եւ խնամակալութիւնը յանձնեց իր որդւոյն Կոստանդինի, զինուորական պատրաստութիւնները լրացուց, եւ 622-ին Զատիկը տօնեց Ապրիլ 4-ին, եւ միւս առտուն Բիւզանդիայէ Քաղկեդոն անցաւ բանակին հրամանատարութիւնը ստանձնելու, մինչ նաւային տորմիղն ալ բանակ մը կը փոխադրէր Կիլիկիոյ ծոցը, Պարսիկ գունդերը ետեւէն պատելու համար: Հերակլ առաջին անգամ Յունական Հայաստանէն վանեց Պարսիկներուն արշաւանքները եւ այնտեղ ձմերեց, մինչ հարաւային բանակը Պարսկիները կը վանէր Երուսաղէմէ, Դամասկոսէ եւ Անտիոքէ: Միւս տարին 623-ին, Հերակլ պատերազմը նորոգեց, մտաւ Մարաստան եւ Ատրպատական` Դուինի եւ Նախիջեւանի ճամբով, գրաւեց Գանձակ, եւ աւերեց նուիրական կրակին կամ Հրատ Վշնասպի բագինը (ՍԵԲ. 145), բայց նորէն ետ դարձաւ ձմերելու համար: Պատերազմները աւելի սաստկացան 624-ին, Հերակլ Տրապիզոնէ սկսելով Վրաց եւ Աղուանից երկիրը, եւ Հայոց Փայտակարան եւ Արցախ նահանգներու մէջ նշանաւոր յաղթութիւններ տարաւ Պարսիկներու վրայ: Բայց միւս տարին, 625-ին, Խոսրով նոր գունդերով պատերազմը նորոգեց, Շահրվարազ Խոռեամ եւ Շահէն Պատգոսապան զօրավարներու ձեռք երկու մեծ բանակներ տուաւ, որ պատերազմը կայսրութեան երկիրները փոխադրեն, եւ Հերակլը երկու կողմէն մէջտեղ առնելով անգործ ընեն, եւ ուղղակի Բիւզանդիոնի վրայ քալեն: Հիւսիսաբնակ Աւարներու հետ ալ դաշնակցութիւն հաստատեց, որպէսզի Եւրոպակողմէն կայսրութեան վրայ իջնեն: Հերակլի պէտք եղաւ երեք տեղ միանգամայն պատերազմը մղել, բանակ մը Բիւզանդիոնը պիտի պաշտպանէր Շահրվարազի դէմ, ուրիշ մը Կիլիկիոյ կողմերը Շահէնը, պիտի կասեցնէր, երրորդը ուղղակի Խոսրովի դէմ պիտի քալէր նոյնիսկ Պարսկաստանը նեղի դնելու համար: Հերակլի նպատակը յաջողեցաւ. Շահրվարազ չյաջողեցաւ Բիւզանդիոնի վրայ, ձմեռը Բիւթանիոյ մէջ անցուց, եւ 626-ին գարնան պարտաւորուեցաւ Պարսկաստան դառնալ Խոսրովի հրամանով: Շահէն ալ չկրցաւ դիմադրել Յունական բանակին, որուն կը հրամայէր Թէոդորոս` Հերակլի եղբայրը եւ ինքն ալ սպաննուեցաւ: Հերակլ, իրեն օգնական ունենալով բոլոր հայագունդերը, եւ Կովկասաբնակ Խազիրները, ամէն կողմ յաջողութիւն գտաւ Պարսիկներուն վրայ, որոնք 626-ի վերջերը իրենց երկրին պաշտպանութեան պարտաւորուեցան, որովհետեւ Հերակլ ուզեց վերջին հարուածը տալ ուղղակի Տիզբոնի վրայ քալելով: Պարսիկներ մեծ ճակատամարտի խմբուեցան, Զաբ գետի հովտին մէջ, Նինուէի մօտերը, ուր վերջնական յաղթութիւն մը տարաւ Հերակլ 627 Դեկտեմբեր 12-ին, եւ այլեւս բաց էր Պարսկաստանը եւ ազատ Տիզբոնի ճամբան (ԼՊԱ. 498):

445. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հերակլ այս յաղթութենէն օգտուեցաւ Պարսկաստանը աւերելու եւ աւարելու, երբ Խոսրով պարտաւորուեցաւ քաղաքէ քաղաք փախստական հեռանալ: Հերակլ նոյնիսկ Տիզբոնի արքունի ապարանքը կրակի տւաւ (ՍԵԲ. 150): Խոսրով խելայեղեալ, իր նախարարներուն դէմ կը խստանար, իբրեւ պարտութեանց պատասխանատու, որոնք զայրանալով անոր դէմ դարձան, զինքը փակեցին Վեհկաւատի մէջ (ՍԵԲ. 150), որ կոչուած է նաեւ Վեհարտաշիր (ԿԱՂ. Ա. 255) կամ Սակարտա (ՄԻԽ. 297), եւ թագաւորեցուցին անոր Կաւատ Շիրոյ որդին, որ իրեն հօր դէմ դարձող նախարարներուն գործակիցն էր: Կաւատ փնտռել տուաւ հայրը, որ թաւուտ անտառի մէջ պահուըտած էր, եւ իբրեւ երկրին աւերածին պատասխանատու, զայն սպաննել հրամայեց, եւ պատճառանք ստեղծելով թէ խռովութիւն յարուցանեն, բոլոր իր եղբայրներն ալ հրամայեց մեռցնել, եւ սպանին զամենեսին ի միում ժամու արս քառասուն (ՍԵԲ. 151): Նոյն ատեն ազատ արձակել տուաւ այն բազմաթիւ բանտարկեալները, զորս Խոսրով լեցուցած էր Անյուշ բերդը (ԿԱՂ. Ա. 256) քաղաքական ամբաստանութիւններով: Այսպէս վերջացաւ Խոսրով Բ. Պարուէզի 38-ամեայ թագաւորութիւնը, որ շատ մօտեցաւ Երկարակեաց կոչուած Խոսրով Ա. Անուշրվանի 49-ամեայ թագաւորութեան: Խոսրով Պարուէզ Պարսից թագաւորութիւնը ամենափառաւոր գագաթնակէտին հասցնելէն ետքը, յաջողութենէն զեղծանելով, զայն յետին անկման մէջ թողուց, անանկ որ իր յաջորդը եւ Պարսից նախարարները, անպայման հաշտութիւն խնդրելու պարտաւորուեցան, եւ Ռաշ նախարարը պատգամաւոր ղրկեցին: Հերակլ յոգնած ու պարտասած` չդժուարացաւ առաջարկին հաւանիլ, եւ իր կողմէն Յուստատ իշխանը ղրկեց Կաւատի, եւ հաշտութիւնը կնքուեցաւ, պատերազմներէն առաջուան դրութիւնը եւ սահմանները վերանորոգելով (ՍԵԲ. 192), եւ Հերակլ յաղթական փառքով Պոլիս դարձաւ: Այդ խաղաղութիւնը տեղի ունեցաւ 628-ին, Կոմիտասի մահուան տարին: Քաղաքական կացութիւնը կանխեցինք պատկերացնել, որպէսզի դիւրին լինի իմանալ Կոմիտասի կաթողիկոսութեան ժամանակը: Երկու բոլորովին տարբեր մասերու կրնանք բաժնել զայն. առաջինը 616-էն 622, շուրջ վեց տարուան միջոց մըն է` համեմատաբար խաղաղ եւ հանդարտ, եւ այս մասին մէջ կատարուած են, որչափ ինչ Կոմիտասի արդիւնաւորութեան մասին յիշատակներ ունինք, գործունէութեան զանազան ճիւղերու մէջ: Իսկ երկրորդ մասը, 622-էն 628, դարձեալ վեց տարուան միջոց, յորում Հայաստան տակնուվրայ էր, ամէն կողմէն պատերազմ ու կոտորած, խառնակութիւն ու շփոթութիւն, Պարսիկ եւ Յոյն բանակներու կոխան, նոյնիսկ Դուինը յարձակմանց եւ գրաւմանց ենթակայ: Հետեւաբար չէր կրնար սպասուիլ, որ կաթողիկոսը այդ միջոցին որեւէ գործունէութիւն ու արդիւնաւորութիւն ունենար: Միայն թէ նկատողութեան արժանի է, որ Հայերուն ուղղութիւնը այդ միջոցին յունականին համակիր եւ նպաստաւոր եղաւ, եւ հայագունդ զինուորականութիւնը յունական բանակին կողմը գտնուեցաւ, եւ անիկա զօրացուց, ինչ որ զարմանալի չէ, քանի որ յաջողութիւնը միշտ Հերակլի հետ էր: Հայ գունդերուն մասին որոշ թիւեր եւ որոշ զօրավարներ յիշուած չեն, եւ այդ միջոցին խօսուած անձը Մժէժ Գնունին է, որ Յունական Հայաստանին սպարապետն էր, եւ բոլոր Հայ գունդերուն ընդհանուր հրամանատարը նկատուեցաւ: Այսպէս ժամանակին պատկերը ընդհանուր գիծերով տալէ ետքը, անցնինք Կոմիտասի ձեռքով կամ Կոմիտասի ժամանակ կատարուած եկեղեցական գործերը պատմել:

446. ԱՍՈՐԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ

Խոսրովի 27-րդ տարին, որ է 616-ին, Կոմիտասի կաթողիկոսութեան սկիզբը, երկու Ասորի եպիսկոպոսներ, Մարութա եւ Պետրոս, Ասորւոց կողմէն Դուին կու գան, եւ ուղղափառ հաւատոյ գիր մը կը կներկայացնեն բարի կամօք, ցգլուխ եւ ցառաջնորդ տէր Կոմիտաս կաթողիկոս Հայոց Մեծաց, եւ լաւ ընդունելութիւն գտնելով ուրախութեամբ կը դառնան իրենց տեղերը (ՍԱՄ. 290): Ասորւոց կողմեր ըսուածը ընդհանուր բացատրութիւն մըն է, եւ որոշակի չի յայտներ թէ ո՞ր գաւառէն եւ ո՞ր դաւանութեան կողմէն եկած էին Հայոց կաթողիկոսարանը, իրենց հաւատակցութիւնը եւ հպատակութիւնը յայտնել: Այս առթիւ պէտք ըլլալով պարագաներու զննութեամբ պատմութիւնը ճշդել, օգտակար կը սեպենք յիշել տալ Ներսէս Բագրեւանդացիի օրով կատարուած Աբդիշոյի ձեռնադրութիւնը, ուղղափառ Ասորիներու հովուութեան համար 361): Այն ատեն ալ յիշեցուցինք, թէ ասիկա պատահական եղելութիւն մը չէր, այլ թէ կային Հայաստանի հարաւակողմը, Միջագետքի սահմանակցութեան մէջ, Հայոց հաւատակից եւ Հայոց հայրապետութեան ենթարկեալ Ասորիներ, որոնց եպիսկոպոսները Հայոց կաթողիկոսէն կը ձեռնադրուէին, եւ հայրապետական խորհուրդին մէջ աթոռ ունէին, ինչպէս Ուխտանէս ալ կը յիշէ իր ժամանակին Ժ. դարու մէջ (ՈՒԽ. Ա. 100): Այդ տեղեկութիւնները մերձեցնելով, կրնանք հետեւցնել թէ Մարութա եւ Պետրոս միեւնոյն կողմերու եպիսկոպոսներ էին, Աբդիշոյի յաջորդութենէն, որք հարկ սեպած էին անձամբ ներկայանալ նորընտիր Կոմիտաս կաթողիկոսին, եւ դաւանակցութեան եւ հպատակութեան վկայութիւնը վերանորոգել: Միեւնոյն գիրին մէջ կը յիշուին Զաքարիա եւ Սաբա եւ Գիորգիոս եպիսկոպոսներ, զորս կը մերժեն եւ կը նզովեն Մարութա եւ Պետրոս, ինչպէս նաեւ զսուտ ձեռնադրութիւնս նոցա (ՍԱՄ. 291): Կ՚երեւի թէ պահ մը տարաձայնութիւն ինկած է նոյն այս ուղղափառ Ասորիներու մէջ, եւ ուրիշ աթոռէ ձեռնադրութիւն առած նեստորական կամ քաղկեդոնիկ եպիսկոպոսներ եկած են անոնց մէջ, եւ իրենց կողմ ժողովուրդ շահիլ ուզած են, վասնզի յայտարարութեան մէջ կը մերժէին նաեւ զամենեսեան որք ընդունին զնոսա: Հարկաւ Կոմիտաս, նախկին եպիսկոպոս Տարոնոյ, եւ մօտէն ծանօթ սահմանակից գաւառներու գործերուն, ջանացած է ճշմարտութիւնը պաշտպանել եւ խռովութիւնները հանդարտել, հոգ տարած է յիշեալ եպիսկոպոսները քաջալերել ու պաշտպանել, եւ ուղղափառ ասորի հաւատացեալները կանոնաւոր կացութեան մէջ զօրացնել:

447. ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՒ ՄՈԴԵՍՏՈՍ

Սեբէոսի մէջ կը գտնենք թղթակցութիւն մըն ալ Երուսաղէմի տեղապահ Մոդեստոս երէցին եւ Կոմիտաս կաթողիկոսին միջեւ, որուն վաւերականութեան վրայ ալ պիտի կասկածէինք, եթէ Սեբէոսի պէս լուրջ եւ զգուշաւոր պատմագիր մը չըլլար զայն յառաջ բերողը: Որովհետեւ Երուսաղէմի աթոռը Յոբնաղին վերջին օրերէն ի վեր քաղկեդոնիկ դաւանութեան հետեւած էր, եւ չէր կրնար հոգեւոր սիրոյ հաղորդակցութիւն հաստատել Հայոց հակաքաղկեդոնիկ աթոռին հետ: Բայց կ՚երեւի թէ Երուսաղէմի աթոռն ալ իր ուղղութիւնը փոխեց, քաղաքին Պարսից ձեռք անցնելէն, եւ Զաքարիա պատրիարքին գերի տարուելէն ետքը, եւ ուզեց իրեն նպաստաւոր ընել Հայոց աթոռը, որպէսզի անոր ձեռքով պաշտպանութիւն շահի Երուսաղէմի քրիստոնեայ ժողովուրդին համար: Արդէն այդ փոփոխութեան առաջին քայլը տեսնուած էր Պարսից ժողովին առթիւ, որուն մէջ Զաքարիա պատրիարք յայտարարած է, թէ երեք ժողովներուն դաւանութիւնն է ուղիղը, թէ նոցին միաբան Հայոց հաւատն ճշմարտութեամբ է, եւ թէ Քաղկեդոնի ասացեալն ոչ է միաբան նոցին: Զաքարիա աւելի յառաջելով իր քաղկեդոնիկ դաւանութեան վրայ զղջում յայտնած է. եթէ ոչ էաք մեք խոտորնակս գնացեալ առ Աստուծոյ, եւ ոչ նա բարկութեամբ խոտորնակս գնացեալ էր առ մեզ, բայց այդ երկուցեալ յԱստուծոյ, առաջի ձեր զճշմարիտն ասեմք (ՍԵԲ. 192): Անշուշտ Զաքարիա այդ յայտարարութիւնը կ՚ընէր, տեսնելով որ նեստորական եւ քաղկեդոնիկ դաւանութիւններ կասկածաւոր են Խոսրովի աչքին, եւ ինչ որ Զաքարիա Պարսկաստանի մէջ կ՚ընէր, հարկաւ Մոգեստոս ալ, որ անոր տեղապահութիւնը կը վարէր, նոյնը պիտի ընէր: Մոգեստոս է, որ առաջին անգամ Կոմիտասի կը գրէ, առիթ առնելով Հայ ուխտաւորներուն Երուսաղէմ երթալը: Կոմիտասին կու տայ արքեպիսկոպոս եւ մետրապոլիտ աշխարհին Հայոց կոչումը (ՍԵԲ. 131), լռելով պատրիարք անունը, կը պատմէ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէից տրուած պաշտպանութիւնը, եւ Հրէից հեռացումը, կ՚ընդունի թէ այս արդիւնքները ի ձեր սուրբ աղօթիցդ եղան, եւ կը խնդրէ մի' պակասել ամենեւին ի յիշել եւ նայիլ ի մեզ (ՍԵԲ. 134): Այս խօսքերը բաւական նշանակալից են` Կոմիտասի միջնորդութեամբ Երուսաղեմացիներու օգտուած լինելը հաստատելու: Պատասխանին մէջ Կոմիտաս ինքզինքին եպիսկոպոսապետ, եւ տեղապահին եղբայր պատուական Մոդեստոս կոչումը կու տայ (ՍԵԲ. 134), եւ քաջալերական խօսքերով կը մխիթարէ, եւ առաւելագոյն դիւրութեանց ակնկալութեամբ կը յուսադրէ: Այս թղթակցութեան մասին տուած տեղեկութիւննիս յայտնապէս կը ցուցնեն, թէ անիկա փոխանակուած է Կոմիտասի առաջին տարիներուն մէջ, երբ տակաւին Հերակլ պատերազմի սկսած չէր, եւ Երուսաղէմ Պարսից իշխանութեան ներքեւ կը մնար:

448. ԶԱՆԱԶԱՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կոմիտասի անունին աւելի հռչակ տուող գործերը իր շինարար ձեռնարկներն են, այնպէս որ Միխայէլ կրցած է Շինող անունը տալ Կոմիտասի (ՔԱՀ. 36): Արդէն, յիշեցինք 424), թէ Դուինի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյն շինութիւնը, զոր սկսած էր Սմբատ Բագրատունի Պարսկաստան մեկնելէն առաջ, այն ատեն չէր լրացած, եւ ոչ ալ Աբրահամի կաթողիկոսութեան միջոցին լրացաւ, եւ Կոմիտասի մնաց նոյն շինութիւնը աւարտել (ՍԵԲ. 123): Անկէ ետքը Կոմիտաս ուզեց Էջմիածնի կաթողիկէն ալ նորոգել, որ Վահան Մամիկոնեանի ժամանակ Ղազար Փարպեցիի ձեռքով կատարուած նորոգութենէն ետքը 327), բաւական վնասուած էր, մանաւանդ երբ աթոռն ալ Դուին փոխադրուեցաւ եւ Վաղարշապատ լքուեցաւ: Անշուշտ վերջին պատերազմներու միջոցին ալ նորանոր աւերումներ ունեցաւ, բանակներուն անցուդարձին ճամբուն վրայ գտնուելով: Կոմիտաս խախտուած պատերը նորոգել տուաւ, փայտակերտ մասերը վերցնելով քարուկիրով փոխանակեց, եւ յատակն ալ քարայարկ նորոգեց (ՍԵԲ. 141): Էջմիածնի կաթողիկէին փայտակերտ ըլլալը կամ փայտակերտ մասեր ունենալը` Փարպեցիի նորոգութեան ատենէն ալ յիշուած էր, եւ այստեղ Կոմիտասի նորոգութեան առթիւ ալ կը յիշուի: Հետեւաբար դժուար կ՚ըլլայ անոր նախնական շինուածին վրայ ճիշդ գաղափար կազմել: Եթէ այժմեան շինուածը զննուի, յայտնի կը տեսնուի որ շինութեան եւ արուեստի զանազան ոճեր կը յաջորդեն անոր վրայ, բայց ամենէն ներքեւինը մեծամեծ կոփածոներով շինուած է, եւ հիմերն ալ շատ խոր են, որ փայտակերտի գաղափարը բնաւ չեն զարթուցաներ: Գուցէ փայտակերտները յարակից մասեր են, որոնք հետզհետէ քարակերտի փոխուած են: Յովհաննէս կաթողիկոս, Վաղարշապատի կաթողիկէին գմբէթը միայն փայտայարկ եղած կ՚ըսէ, եւ զայն քակելով գեղեցկայարմար եւ չքնաղատես կոփածոյ քարամբք շինուած (ՅՈՎ. 96), որով այժմեան մեծ գմբէթը Կոմիտասաշէն կը պարտաւորուինք ճանչնալ: Վաղարշապատի կաթողիկէին նորոգութեանց հսկողն եղած է Յոհանիկ վանահայրը (ՍԵԲ. 141): Բայց աւելի նշանաւոր շինուածը եղած է Հռիփսիմեանց տաճարը, հետեւանք իր սկզբնական պաշտօնին, Ս. Հռիփսիմէի փոկակալութեան, որ հարկաւ իր սիրտին հին բաղձանքը եղած է: Կոմիտաս հինը բոլորովին քակած է, այն որ Սահակ Պարթեւէ շինուած կ՚ըսուի (ՍԵԲ. 140), եւ որ պէտք է երկրորդ շինութիւն նկատուի Լուսաւորչի նախնական շինութենէն ետքը 57): Սահակաշէն տաճարը կարի ցած եւ մթին (ՍԵԲ. 140) ու խրթին եւ փոքրատեսակ (ՅՈՎ. 96) եղած է, իսկ Կոմիտասաշէնը հրաշատես եւ վայելուչ եւ նազելի եւ պայծառ կը կոչուի (ՅՈՎ. 96), որ տակաւին կը մնայ նոյնութեամբ, եւ իրօք ալ գեղեցիկ շինուած մըն է, ոչ այնչափ ընդարձակ, այլ իրեն յատուկ ճարտարապետական ոճ մը ունի, յատակէն մինչեւ գագաթը միապաղաղ գմբէթի մը ձեւը ներկայելով:

449. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՆՇԽԱՐՔԸ

Հռիփսիմեանց վկայարանը նոյն իսկ Հռիփսիմէի եւ ընկերաց մասունքներուն վրայ շինուած կը գիտցուէր, սակայն գերեզմանը յայտնի մէջտեղ չէր երեւեր, այլ այն ծածկուած էր վկայարանի հիմերուն մէջ: Հին վկայարանին քակուելուն առթիւ հիմին պատերուն մէջէն դուրս ելաւ Հռիփսիմէի շիրիմը, եւ կաթողիկոսն ինքնին փութաց անձամբ քննել եւ զննել զայն, եւ տեսաւ որ տապանը կը կրէր Գրիգորի եւ Սահակի կնիքները, որ ըսել է թէ Լուսաւորիչը կնքելով զետեղած էր վկայուհիներուն մարմինները, եւ Սահակ ալ իր կնիքը աւելցուցած էր վրան: Կոմիտաս ալ չհամարձակեցաւ անոնց կնիքները խախտել ու բանալ, եւ իր կնիքն ալ վրան աւելցուց, որով երից հաւատարմաց երրորդ մատանեօք վաւերացուած եղան Հռիփսիմէի մասունքները (ՍԵԲ. 140): Այժմս սրբուհիին տապանը կը գտնուի տաճարին գետնափորին մէջ, ուր կը մտցուէր գրեթէ սողոսկելով ցած ու նեղ անցքէ մը, եւ անկէց անդին կը բացուէր փոքրիկ սենեակ մը, ճիշդ տաճարին խորանին ներքեւ, որուն շուրջը կը գտնուին խոշոր տապանաձեւ քարեր, ու անոնց ներքեւ կը ճանչցուին Հռիփսիմէի եւ ընկերներուն ոսկորները: Այս ձեւն ունէր երբ մենք ալ այցելեցինք, այլ այժմ ձեւը փոփոխուած է վերջին ատեններ կատարուած կամահաճ նորոգութիւններով: Ոսկորներու գոյութեան մասին լոկ աւանդութիւնն էր ընկալեալ փաստը, սակայն ԺԷ. դարուն սկիզբը երկու Լատին կրօնաւորներու փորձած գողութիւնը, իրական գոյութեան նիւթական փաստը տուաւ (ԴԱՎ. 131): Կոմիտաս միջոց մը տապանը եթող ի բացեայ վասն գիջութեան որմոյն, որ այս առթիւ ժողովրդական եռանդուն բարեպաշտութեան առարկայ եղաւ, եւ ետքէն ամփոփեցաւ ի կայանս իւր, այսինքն պատրաստուած տեղը դրուեցաւ, երբոր լրացաւ ցամաքիլ կրոյն: Պատմութեան մէջ յիշուած կը գտնենք թէ չափ հասակի Հռիփսիմէի էր ինն թզաւ եւ չորս մատունս (ՍԵԲ. 140), եւ եթէ թիզը քսան հարիւրորդաչափ հաշուենք, մօտաւորապէս չափ մը եւ ութսունհինգ հարիւրորդաչափ (1, 85) հասակ ունեցած կ՚ըլլայ կոյսը, որ յոյժ արտակարգ է, բայց բոլորովին անհնար ու տարօրինակ չէ, մանաւանդ որ չէին ալ կրնար հասակը ճշդել եթէ տապանը չբացին: Թերեւս տապանի չափն է դրուածը, եւ աւելի քան չափ հասակի երանելւոյն, պէտք է կարդալ չափ տապանի երանելւոյն, որ այժմ տեսնուած քարով ալ կ՚արդարանայ: Այստեղ Վարդան կը յաւելու թէ Գրիգորի հասակն ալ 10 թիզ էր, իսկ Տրդատի հասակն ալ 14 թիզ (ՎԱՐ. 61): Կ՚երեւի թէ աւանդութիւնը անձի մը մեծութիւնը, նորա հասակին բարձրութեան վրայ հաստատելով, աստիճանաբար աճեցուցած է անոնց հասակները, հետեւապէս զրոյցէ աւելի կարեւորութիւն չենք կրնար տալ այդ հասակի չափերուն:

450. ԳՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

Կոմիտաս յատուկ եւ զգայուն իղձ մը ունեցած է Հռիփսիմէ կոյսի յիշատակին, որ ոչ միայն անոր վկայարանը գեղեցկաշէն վերականգնած է, ոչ միայն անոր աւարտելուն մեծահանդէս նաւակատեաց տօն կատարած է, այլ եւ այդ առթիւ իր սիրտին ու միտքին թռիչը պատկերացնելով յօրինած է Անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի գեղեցկահիւս եւ չքնաղ շարականը (ԿԻՐ. 30): Հայ Եկեղեցին հնագոյն շարականներ ունեցած է անշուշտ, որոնք ցայսօր ալ կ՚երգուին, եւ սակայն անոնց հեղինակները որոշակի չեն ցուցուած, եւ միայն ընդհանուր կերպով իբր Սահակէ մինչեւ Մանդակունի երկարող միջոցին երկասիրութիւնները ընդունուած են: Կոմիտասի Անձինք ը առաջինն է որ պատմական ստուգութեամբ իր հեղինակին անունը կը կրէ: Այդ շարականը հայկական հին չափով տաղասացութեան տիպարն է, բառերու եւ ոճերու ճոխութեամբը` ընտիր հայկաբանութեան օրինակ է, բանաստեղծական արուեստին գերազանցութեամբ` նշանաւոր է, պատմական յիշատակաց անխարդախ հետեւող է, եւ եկեղեցական եւ հոգեւոր օծութեամբը` անզուգական քերթուած մըն է: Եւ եթէ գործէն հեղինակը գուշակել տրամաբանական օրէնք է, Անձինք ը բաւական է Կոմիտասի եռանդուն եւ ուսումնական եւ զարգացեալ միտքին բարձրութեան վկայել: Եւ որովհետեւ եղանակաւորումն ալ քերթուածին զուգընթաց կ՚ըլլար, Կոմիտասը իբրեւ կարող երաժշտագէտ ալ պէտք է ճանչնանք: Անձինք ը երեսունուվեց տուն է, երեսունուվեց հայկական այբուբէնին սկզբնատառերով կազմուած, որով իրմէ ետքը այբուբէնի տառերով կազմուած 36 տուն շարականները Անձինք կոչուեցան ընդհանրապէս: Հռիփսիմեանց տաճարին եւ Անձինք շարականին թուական կրնանք դնել 618-էն 619 տարին: Կոմիտասի հաւատոյ գիրն ալ յիշեցինք, եւ այս երկուքն են գլխաւորապէս ձեռուընիս եղող Կոմիտասի գրական գործերը, երկուքն ալ ընտիր, մին իբրեւ գրագիտական եւ միւսը իբր աստուածաբանական: Ասոնցմէ զատ գրուածներ ալ ունեցեր է (ՀԻՆ. 425), որոնց վրայ որոշակի տեղեկութիւն չենք գտած (58): Իսկ Զրոյցք Կոմիտասայ Հայոց հայրապետի, եւ պատրիարքին Կոստանդնուպոլսոյ (ԹՂԹ. 481) կոչուած գրութիւնը, հնար չէ իբրեւ հարազատ գործ ընդունիլ: Ինչինչ օրինակներու մէջ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքին անունը Պիւռոս է յիշուած (ՀԻՆ. 425), եւ գրուածին վերջը Կոմիտաս Բիւզանդիա գացած կ՚ենթադրուի (ԹՂԹ. 467): Արդ Կոմիտաս երբէք Բիւզանդիա չէ գացած, եւ ժամանակակից չէ կրցած ըլլալ Պիւռոսի, որ 639-ին Սարգիսի յաջորդեց: Նոյնիսկ այդ զրուցագրութեան նիւթերը շատ աւելի ետքը մէջտեղ նետուած խնդիրներ են, եւ յետին ժամանակաց գրող մը կեղծեալ անուններով գրուած մը մէջտեղ հանած է:

451. ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Չենք գիտեր թէ Կոմիտաս, որ դպրոցի մէջ ստացած է իր զարգացումը, սակայն ինքն լիապէս զարգացեալ, ընդհանուր զարգացման ալ քաջալերող եւ սատարող եղած է: Իր ժամանակին դպրոցները աւելի փայլ ստացան, որոնց մէջ կը յիշուին Սիւնեաց դպրոցը եւ Արշարունեաց դպրոցը եւ Շիրակայ դպրեվանքը: Սիւնեաց դպրոցը Սահակի եւ Մեսրոպի ատեն առաջնութիւն ունէր բոլոր Հայ վարդապետանոցներու վրայ, եւ Օրբէլեան կը գրէ, թէ անոնք հրամայած էին զթարգմանութիւնն եւ զմեկնութիւնն նոցա ունել, որով եւ քերթող անունը իրենց պաշտօնական կոչումը դարձած էր: Այդ միջոցին Սիւնեաց դպրոցին գլուխը կը գտնուէր Մաթուսաղա մեծ քերթողն եւ անյաղթ փիլիսոփայն, որ յետոյ Սիւնեաց մետրապոլիտ ալ եղաւ Դաւիթի յաջորդելով: Օրբէլեան Մաթուսաղայի պաշտօնը բացատրելու համար կը գրէ, թէ նստուցանեն գլուխ ամենայն վարդապետացն ի վերայ բարձր եւ ահարկու ամբիոնի րաբունարանին (ՕՐԲ. Ա. 155), որ մեր այժմեան ուսուցչական աթոռներու ձեւը կը յիշեցնէ: Օրբէլեան ինքն ալ Սիւնեաց քերթողներուն յաջորդը, գոհունակութեամբ կը յիշէ թէ սուրբ պատրիարքն Կոմիտաս, ուրիշ վարդապետանոցներու, նոյնիսկ Արշարունեաց դպրոցին վրայ` Սիւնեացը նախադասելով, իր սիրելի եղբօրորդին, Թէոդորոս Քռթենաւորը այնտեղ ղրկեց Մաթուսաղա քերթողահօր աշակերտելու համար: Իսկ Արշարունեաց դպրոցը կը գտնուէր Երախաձոր գաւառի Վարդիկ-Հայր վանքը, որ Վարդիհէր ալ կը կոչուի, եւ է նոյնինքն Թաթլոյ վանքը Վիշապաձորի մէջ 301): Այնտեղ կային շատ ճարտարք եւ գիտունք Հայոց, որոնք զմանկունսն ժողովեալ էին եւ կը կրթէին (ՕՐԲ. Ա. 156), այլ գրուած չէ թէ ով էր դպրոցին գլուխը: Շիրակայ դպրեվանքին առաջնորդն էր Բարսեղ Ճոն վարդապետը, որուն գործունէութիւնը փայլած է Ներսէս Գ. ի օրով (ԿԻՐ. 34): Միեւնոյն ատեն կը փայլէր Յովհան Մայրավանեցի, Բջնիի մօտ Մայրոյ վանքին առաջնորդը, որում զկաթողիկոսութիւնն հաւատացեալ էր Կոմիտաս, կը գրէ Ասողիկ (ԱՍՈ. 88), եւ պէտք է իմանալ, թէ կաթողիկոսարանի ներքին գործոց գլխաւոր պաշտօնեան էր, փոխանորդ մը կամ դիւանապետ մը, ինչպէս մենք պիտի ըսէինք մեր ճշդաբանութեամբ: Կաթողիկոսարանը իր սեփական աշակերտներն ալ կ՚ունենար, եւ կրնար Յովհան անոնց ուսուցիչն ալ եղած ըլլալ: Այդ ամէն մանր տեղեկութիւններ իրարու քով բերուելով, զօրաւոր փաստ մը կը կազմեն Կոմիտասի արժանեաց, իբր ուսմանց եւ զարգացման քաջալերիչ մը: Այդ եզրակացութեան կը յանգինք եւս դիտելով, որ եօթներորդ դարը` վեցերորդէն աւելի ուսեալ հեղինակներ եւ գրական անձեր արտադրած է, որոնց աշակերտութեան տարիները Կոմիտասի օրերուն կ՚իյնան, իսկ անոնց անունները իրենց կարգին պիտի յիշենք: Այդ հետեւանքին օժանդակած են նաեւ Յունաց հետ աւելի շփումները, որոնց դուռ բացին Հերակլի յաղթութիւնները, յունական տիրապետութեան ընդարձակուիլը եւ յարաբերութեանց շատնալը, որք Կոմիտասին օրէն սկսան, եւ հետզհետէ ազդեցութեամբ ալ զօրացան:

452. ՄԻԱԿԱՄԵԱՅՑ ՍԿԻԶԲԸ

Կոմիտասի օրերուն դիպեցաւ Միակամեայց վարդապետութեան սկզբնաւորութիւնը: Հերակլ կայսր Պարսիկներուն վրայ տարած յաղթութիւններուն հետ` եկեղեցական խնդիրներով ալ զբաղեցաւ, եւ փափաքեցաւ իր ընդարձակ կայսրութեան մէջ դաւանական միաբանութիւն ալ հաստատել, ու խաղաղական իշխանութիւն մը ունենալը: Կայսերութեան մեծ մասին մէջ զօրաւոր էր Եփեսոսական միաբնակներուն կամ հակաքաղկեդոնիկներուն թիւը, թող որ Նեստորականներ եւ բուն Եւտիքականներ ալ կարեւոր բաժիններ կը կազմէին: Հերակլ դիմեց Կոստանդնուպոլսոյ Սարգիս պատրիարքին, որ մեծ ազդեցութեան տէր անձ մըն էր, ոչ միայն իր եկեղեցական դիրքովը եւ հմտութեամբը, այլեւ քաղաքական տեսակէտէն, վասնզի ինքն էր տիրապէս կայսրութիւնը կառավարողը Հերակլի բացակայութեան, քանի որ աթոռակից եւ խնամակալ հռչակուած Հերակլի որդին, Կոստանդին Գ. դեռահաս պատանի մըն էր, երբ հայրը 622-ին պատերազմի դաշտը կը մեկնէր 444): Նոյնինքն Սարգիս պատրիարք գործօն դեր ունեցած էր Պարսիկներու եւ Աւարներու դէմ` մայրաքաղաքին պաշտպանութեան մէջ: Սարգիս դաւանական խնդիրը լուրջ նկատողութեան առաւ, եւ խնդրոյն լուծումը տեսաւ Թէոդորոս Փառանու եպիսկոպոսին գրուածոց մէջ, որ Միակամեայ դրութեան հեղինակը կը նկատուի: Սարգիս եփեսոսեան դաւանութեան համոզուած պաշտպան մըն էր, բայց կը զգար, որ քաղկեդոնեան երկու բնութիւն բացատրութիւնը, Կոստանդնուպոլսոյ 553-ի ժողովէն ետքը պաշտօնական ձեւ առած էր իրենց մէջ, եւ այլեւս ետ դառնալ եւ զայն ջնջել հնար չէր: Այս տեսութեամբ Սարգիս չկրցաւ մի բնութիւն բացատրութիւնը յունական եկեղեցւոյն մէջ վերանորոգել, այլ երկու բնութիւն բացատրութիւնը պահելով, մի կամք եւ մի գործողութիւն բանաձեւը ընդունեցաւ, իբր ուղղափառ վարդապետութիւն, այսինքն է, թէ Քրիստոսի երկու բնութիւնները մէկ կամքի որոշմամբ կը գործէին եւ մէկ գործունէութիւն ունէին: Այդ կերպով եփեսոսեան մի բնութիւն դաւանութիւնը իսկապէս կ՚արդարանար, վասնզի եթէ կամք ու գործ մէկ էին, քաղկեդոնեան երկու բնութեան դաւանութիւնը աննշանակ բացատրութիւն կը դառնար: Հերակլ սիրտով ու միտքով յարեցաւ Սարգիսի ներկայած բացատրութեան մանաւանդ երբ տեսաւ որ հակաքաղկեդոնականներն ալ հաւանութեան նշաններ կը ցուցնէին, իսկ քաղկեդոնականներուն վրայ իշխելը իրեն համար դիւրին էր: Առայժմ այսչափ միայն բաւական ըլլայ յիշել, վասն զի Միակամեայց խնդիրները եւ այն մասին տեղի ունեցած յուզումները, 428-էն այսինքն Կոմիտասի մահուընէ ետքը տեղի ունեցան:

453. ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ ԾԱԳՈՒՄԸ

Բայց աւելի մեծ եւ աւելի կարեւոր երեւոյթ մը եղաւ իսլամական կրօնքին սկզբնաւորութիւնը: Նոր կրօնքին մարգարէն եղաւ Մուհամմէտ, որ ծնած էր Մէքքէի մէջ 571-ին, եւ իր հօր Ապտուլլահի մահուընէ, եւ Էմինէ մօրը վաղամեռիկ ըլլալէն ետքը, սնած էր իր մեծհօր Ապտիւլ Միւթալլէպի խնամքին տակ, եւ ասոր ալ մեռնելէն ետքը, իր հօրեղբօր Ապութալէպի մօտ եղած էր, երբ տակաւին հազիւ տասնամեայ պատանի մըն էր: Մուհամմէտ Մէքքէի Կուրէիշ ցեղէն էր, որ զինքն Իսմայէլի եւ Աբրահամի սերունդ կը ճանչնար, ժամանակաւ շատ բարձր դիրք գրաւած էր, բայց այս միջոցին նուազած էր եւ առեւտուրով կը զբաղէր, Մուհամմէտ ալ 13 տարեկանէ սկսաւ հօրեղբօրը գործակցիլ, եւ 585-ին առաջին անգամ վաճառաբարձ կարաւանին հետ Ասորիք եկաւ, թէպէտ մեր պատմագիրներ Եգիպտոս կ՚ըսեն (ՎԱՐ. 63): Այստեղ առաջին անգամ քրիստոնէից հետ շփում ունեցաւ Մուհամմէտ, եւ մտերմացաւ Սարգիս Բխերա անուն միայնակեացի մը հետ, որ Արիանոս եւ Կերինթեան աղանդաւոր կ՚ըսուի (ԿԻՐ. 32), եւ աւանդութեամբ Հայազգի եղած կը կարծուի: Մուհամմէտ իր առեւտրական երթեւեկներուն մէջ իր հետազօտութիւնները ընդարձակեց, իր հայրենեաց կռապաշտ կրօնքին հետ սիրտը չհաշտուեցաւ, միաստուածեան դրութեան հետեւող Հրեաներուն եւ Քրիստոնեաներուն, եւ ասոնց զանազան ճիւղերուն հետ ծանօթացաւ: Առեւտուրի մէջ զարգանալով հօրեղբօրմէն բաժնուեցաւ, եւ Խատիճէ անուն մեծահարուստ այրիի մը առեւտրական գործերուն գլուխ եղաւ, եւ 596-ին, 25 տարեկան եղած ատեն, անոր հետ ալ ամուսնացաւ, թէպէտ նա իրմէ 15 տարի աւելի մեծ էր: Մուհամմէտ քանի յառաջացաւ, այնչափ աւելի իր հայրենիքն ու ազգը կռապաշտութենէ ազատելու մեծ գաղափարը մշակեց, իր նպատակը սկսաւ տարածել, եւ քիչ քիչ հաւանողներ եւ համակիրներ ալ ունեցաւ: Բայց միայն 40 տարեկան եղած ատեն, այսինքն է 611-ին, ներքին բուռն ազդեցութենէ մղուած, եւ հաստատուն գործունէութեան կամքով զօրացած, առեւտրական գործերէ քաշուեցաւ, քարոզութեանց սկսաւ, եւ մարգարէական կոչում ունենալը յայտարարեց: Իր առաջին գործակիցներն եղան կինը Խատիճէ, հօրեղբօրորդին Ալի, աները Ապուպէքիր, ազգականներէն Օսման, հօրեղբայրը Համզա, եւ հօրեղբօր թոռներէն Էօմէր: Իր հետեւողներուն Միւսլիմ անունը տուաւ, որ է Փրկեալ կամ Հպատակեալ, նոյն բառին տարբեր առումներուն համեմատ: Միանգամայն սկսաւ իր յայտնութիւններն ու աստուածային պատգամները հռչակել, եւ ամբողջական նոր կրօնական դրութիւն մը կազմել, որ հնագոյն մովսիսական եւ քրիստոնէական յայտնեալ կրօնքներուն հետ առնչութիւններ կը պարունակէր, բայց միեւնոյն ատեն տեղական յատուկ պարագաներ ալ կը միացնէր: Մուհամմէտի դրութեամբ, Ադամէ, Աբրահամէ, Մովսէսէ եւ Յիսուսէ ետքը, յայտնութեանց լրումն էր իրենը, եւ ինքն էր Յիսուսի կանխագուշակած Մխիթարիչը (ՂՆԴ. 68): Մուհամմէտի առաջին յաջողութիւնը մեծ չեղաւ Մէքքէի մէջ, եւ Կուրէիշներու ընդդիմութիւնը զօրացաւ, որուն համար 622 Յուլիսին պարտաւորուեցաւ անկէ խոյս տալ եւ Մետինէ ապաւինիլ, ուր ընդունելութիւն գտաւ գլխաւորապէս հրէական գաղթականութեան պաշտպանութեամբ: Ասկէ կը սկսի Հիճրէթի կոչուած արաբական կամ լաւ եւս իսլամական թուականը, պարզապէս լուսնական դրութեամբ կազմուած: Մուհամմէտ Մէքքէի մէջ կորսնցուցած էր Խատիճէ ամուսինը եւ անկէ ունեցած չորս մանչ զաւակները: Ապագային 14 նոր ամուսնութիւններ կնքեց, բայց մանչ ժառանգ չթողուց: Մետինէի մէջ Մուհամմէտ իր կրօնական կազմակերպութեան հետ, զինուորական զօրութիւնն ալ ջանաց միացնել: Մէքքէցի գունդի մը վրայ յաղթութիւն տարաւ 624-ին, եւ տակաւ զօրութիւնը աւելցուց, Արաբիոյ հիւսիսային կողմերը տարածեց իր ազդեցութիւնը, եւ 627-ին նոր յաղթութիւն մըն ալ տարաւ, Մէքքէի Կուրէիշներու վրայ, որոնք 628-ին հաշտութիւն եւ զինադադար խնդրեցին եւ ստացան, Մէքքէն ու իր սրբավայրն եղող Քեապէն, Մուհամմէտի միւսլիւմներուն առջեւ բանալու պայմանով: Ասոր վրայ նոր ոյժ ստացաւ Մուհամմէտի կողմը, եւ հետզհետէ ընդարձակեցաւ անոր քարոզած կրօնքը:

454. ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՀԸ

Կոմիտաս կաթողիկոս իր վերջին օրերուն մէջ լսեց այս հեռաւոր շռինդները: Արեւմուտքէն եկող Միակամեայց խնդիրը ոյժ կ՚աւելցնէր Հայերուն միաբնակ դաւանութեան, եւ հաճութեամբ կրնար ընդունիլ զայն Կոմիտաս, եւ այս կական բաժինին տիրացաւ, փութաց երկրին յարաբերութիւնները մշակել, եւ նորէն Յունաց հետ մերձաւորութեան կողմը միտիլ: Իսկ հարաւէն եկող շարժումի ձայնը չէր կրնար զինքն շատ շահագրգռել, շատ հեռու էր շարժումին կեդրոնը, եւ չէր ալ կրնար մտածել, թէ օր մը այնչափ մօտէն պիտի ըլլային Արաբաց եւ Հայոց յարաբերութիւնները: Կոմիտաս իր կեանքը կնքեց ծերացեալ տարիքի մէջ, 628-ին սկիզբները, եւ ամենայն հաւանականութեամբ Հերակլի բանակին եւ օժանդակ հայագունդերուն վերջնական յաջող ելքին ուրախութեան մէջ, որչափ ալ իր աթոռանիստը նորէն Պարսիկներուն կ՚անցնէր, Մօրիկի օրուան սահմանագլուխներուն վերահաստատուելովը: Կոմիտասի մարմինը թաղուեցաւ ի տապանի, յիւրում շինեալ եկեղեցւոջն, մերձ հանգստարանի սրբոյն Հռիփսիմեայ (ՕՐԲ. Ա. 156): Ս. Հռիփսիմէի եկեղեցւոյն յատակը, տապանաքարի պէս մեծ քար մը կը ցուցուի այսօր, առանց մէկ գրութեան եւ առանց որեւէ նշանի, գետնին հարթ հաւասար դրուած, եւ աւանդութիւնը կը վկայէ թէ անոր ներքեւն է Կոմիտաս կաթողիկոսի մարմինը, թէպէտեւ ոչ ստուգող եւ ոչ քրքրող եղած է մինչեւ ցայսօր: Քարին դիրքը դէպի խորանին կողմը, կրնայ արդարացնել, թէ ներքեւէն գերեզմանը մերձ է Հռիփսիմէի հանգստարանին, բայց անհաւանական չէ որ գետնափոր սենեակին արեւելեան կողմը եղող տապանը` նոյնինքն Կոմիտասի գերեզմանն ըլլայ: