Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՆԵՐՍԷՍ Գ. ԻՇԽԱՆՑԻ

476. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Թէոդորոս Ռշտունի Կոգովիտի անպտուղ փորձէն ետքը 474), շիտակ Դուին եկաւ, աւերուած աւարուած քաղաքին վիճակը տեսնելու եւ հնարաւոր հոգածութիւնն ընելու: Երբոր եկաւ, տեսաւ որ կաթողիկոսն ալ վախճանած էր, եւ երկիրը կրկնակի անգլուխ եւ անտէրունջ մնացած էր, ուստի առաջին հոգն եղաւ եկեղեցւոյն գլուխը կաթողիկոս մը դնել, որ կարող ըլլար ուրիշ գործերու ալ գլուխ կանգնիլ եւ ազգին տիրութիւն ընել: Թէոդորոսի առաջարկութեամբ եւ եպիսկոպոսներու եւ նախարարներու հաւանութեամբ կաթողիկոսութեան հրաւիրուեցաւ Ներսէս Տայոց եպիսկոպոսը: Ներսէսի ծննդավայրն էր Տայոց նահանգի Իշխան գիւղը, եւ հաւանաբար իշխանական տունէ ալ սերած էր: Տղայութենէ Յունաստանի մէջ կրթուած էր, անոնց լեզուին եւ դպրութեան տեղեակ եղած, զինուորական ծառայութեան մտած, եւ այս պատճառով զանազան կողմեր պտըտած, յունական սովորութեանց եւ կենցաղի ընտելացած, մինչեւ իսկ հաստատեալ զմիտս իւր ի վերայ ժողովոյն Քաղկեդոնի (ՍԵԲ. 220): Բայց երբոր Հայաստան դարձաւ բնաւ այդ իր միտումէն նշան չցուցուց, եկեղեցական կոչման մէջ մտաւ, եւ մինչեւ Տայոց եպիսկոպոսութեան բարձրացաւ, հաւանաբար Եզրի ձեռնադրութեամբ: Ներսէս իր բնաւորութեամբ եւ զարգացմամբ եւ նախընթացով յարմարագոյն անձն էր տագնապալից ժամանակին մէջ կաթողիկոսութիւնը վարելու: Բայց նա վարանեցաւ գործի գլուխ անցնիլ, երբ Դուինի մէջ թափուած արիւնը դեռ չէր չորցած, եւ աւերածին կրակը չէր մարած, մինչեւ իսկ պատասխանատուութենէ ազատելու համար գաղտագնաց փախստեայ լինել խորհէր: Սակայն համախմբուած եպիսկոպոսներուն եւ նախարարներուն բռնադատութիւններէն չկրցաւ ազատիլ, եւ ստիպուած հնազանդեալ հանդարտեր: Ներսէս իր կաթողիկոսութիւնը սկսաւ Դըւնայ կոտորածին մէջ սպաննուածներուն դիակները հաւաքել տալով, որք տակաւին ցրուած ու սփռուած էին քաղաքին մէջ եւ դաշտին վրայ, եւ անոնց պարտ ու պատշաճ թաղումը կատարեց: Կոտորածին զոհերը իբրեւ ճշմարիտ նահատակներ նկատելով, անոնց թաղման տեղւոյն վկայարան ի պատիւ տւաւ, եւ յետոյ վրանին տաճար մը հիմնեց եւ նորոգապէս շինեաց ի վերայ նոցա (ՍԱՄ. 81), որ կ՚երեւի թէ միեւնոյն Ս. Սարգիսի եկեղեցին է, զոր ուրիշ պատմագիրներ կը յիշեն:

477. ՅՈՒՆԱՑ ՄՕՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ներսէսի կաթողիկոսութեան ընտրուած տարին Արաբացիք Պարսից վրայ Նեհավէնտի մեծ յաղթութիւնը կը տանէին, որով կը վերջանար Պարսից Սասանեան թագաւորութիւնը: Վերջին Յազկերտ փախստական կ՚երթար ներքին գաւառները, եւ Թաթարական երկիրներուն մէջ կը թափառէր, մինչեւ իր եղերական մահը 650-ին: Իսկ Պարսկաստան թէ քաղաքականապէս եւ թէ կրօնապէս կը հնազանդէր Արաբացւոց իսլամական իշխանութեան: Այս կերպով Հայերը բոլորովին կը բաժնուէին Պարսից տիրապետութենէն, իսկ Արաբացիք ալ դեռ կազմակերպեալ տէրութիւն եւ սահմաններ չունէին, այլ արշաւանքի ձեւով կը յարձակէին, եւ ետ կը քաշուէին իրենց գրաւած երկիրներէն: Յունական կայսրութեան մէջ ալ նոյն 641 տարին կը մեռնէր Հերակլ, եւ Հերակլիոս Կոստանդին ու Հերակլիոն կամ ըստ մերայնայ Հերակլակ` զոյգ կը թագաւորէին: Բայց առաջինը շուտով մեռաւ Հերակլակի մօրմէն Մարտինայէ թունաւորուելով, որ սկսաւ իշխանութիւնը վարել իր որդւոյն հետ: Սակայն Վաղենտիանոս Արշակունի, Հերակլի զօրավարներէն, անմիջապէս Արեւելքէն դառնալով, Մարտինան ու Հերակլակը միանգամայն վտարեց ու սպաննեց, եւ կայսր հռչակեց Հերակլիոս Կոստանդինի 12 տարեկան որդին, որ է Կոստաս Բ., զոր մերայինք Կոստանդին կը կոչեն հօրը անունով (ՍԵԲ. 175): Սորա հրամանով հօրը ժամանակէն աքսորուածները ետ եկան, անոնց հետ նաեւ Վարազտիրոց եւ Սմբատ Բագրատունիք Հայաստան դարձան, որոնց համար Հերակլ յատկապէս ալ յանձնարարութիւն ըրած կ՚ըսուի իր վերջին ժամերուն (ՍԵԲ. 169): Ներսէս կաթողիկոս Պարսից իյնալէն եւ Արաբաց զօրանալէն ետքը ուրիշ ճամբայ չունէր, բայց եթէ Յունաց կողմը դառնալ, եւ Բիւզանդական կայսրութեան հովանաւորութեան ապաւինիլ եւ երկրին կառավարութիւնը անոնցմէ սպասել: Այդ խորհուրդին մէջ իրեն համախոհ գտնուեցաւ Թէոդորոս Ռշտունին ալ, Հայաստանի վիճակին համար ուրիշ կերպ մը հնարաւոր չլինելով, քանի որ ինքնագլուխ կառավարութեան միջոցներն ալ կը պակսէին: Ուստի յօժարութեամբ դիմում ըրին կայսեր, որպէսզի Վարազտիրոց Բագրատունին Հայաստանի կուրաղապատ կամ կառավարիչ նշանակէ, բայց յառաջագոյն Ներսէս կաթողիկոս Վարազտիրոցի հետ տեսակցեցաւ, եւ անկէ խոստում ու երդում առաւ, թէ հաւատարմութեամբ պիտի ծառայէ կայսրութեան, եւ Վարազտիրոցի գիրն միասին ղրկեց Կոստանդինի (ՍԵԲ. 181): Կայսրը հաւանեցաւ առաջարկին, որ խաղաղական տիրապետութեան կերպ մըն էր իրեն համար, Վարազտիրոցի ալ արդէն ներած էր, իր առաջին պատիւները վերահաստատեց, կինն ու զաւակներն ալ ղրկեց, որոնք իբր պատանդ Կոստանդնուպոլիս կը պահուէին, եւ Վարազտիրոց ձեռք առաւ երկրին կառավարութիւնը, զոր անգամ մը վարած էր իբրեւ մարզպան Պարսից թագաւորութեան: Բայց հազիւ թէ գործի կը ձեռնարկէր, ծերացեալ եւ աքսորէ տկարացեալ յանկարծակի եհաս նմա հիւանդութիւն եւ մեռաւ: Իսկ մարմինը տարին թաղեցին Դարոյնքի դամբարանը, ուր թաղուած էր իր հայրը Խոսրովշում Սմբատն ալ 455): Կայսրը լսելով Վարազտիրոցի մահը, Հայոց փափաքանաց համաձայն, անոր յաջորդ նշանակեց նորա Սմբատ որդին, նոյնպէս կուրապաղատի աստիճանով եւ պատիւներով, իսկ Հայ գունդերուն ընդհանուր սպարապետութիւնն ալ տուաւ Թէոդորոս Ռշտունիի (ՍԵԲ. 182), որչափ ալ անոր մասին առաջուց կասկածներ յուզուած էին Բիւզանդիոյ արքունեաց մէջ (ՍԵԲ. 180): Սմբատ Բագրատունիի կուրապաղատութեան թուական պէտք է ընդունիլ 642 տարին, եւ այդ կարգադրութեանց մէջ ալ ճանչնալ Ներսէսի քաղաքագէտ առաջնորդութիւնը:

478. ԱՐԱԲԱՑԻՔ ԵՒ ԹԷՈԴՈՐՈՍ

Սմբատի եւ Թէոդորոսի պաշտօնի անցնելուն սկիզբները նոր արշաւանք մը ըրին Արաբացիք, երեք թեւերու բաժնելով իրենց գունդերը, այսինքն է դէպի Արարատ եւ Աղուանք եւ Վասպուրական: Արարատի թեւը նախ Երեւանը պաշարեց, բայց չյաջողեցաւ առնել, եւ անկէ Արծափի վրայ գնաց, բայց հոն ալ դժուարութեան հանդիպեցաւ: Միայն բերդապահներուն անզգուշութեամբ Արաբացիք սորվեցան Կախանակտուցի բարձունքին գաղտնի անցքը, եւ տրէ ամսուն 23-ին, այսինքն է 643 Օգոստոս 10-ին, Կիրակի առտու մը, պահապանները սպաննելով բերդը գրաւեցին եւ բերդապահները գերեցին: Սակայն Թէոդորոս իր բանակով վրայ հասնելով Արաբացիները ցրուեց, եւ գերիները ազատեց: Անկէ ետքը Աղուանքի վրայ գացած թեւն ալ Նախիջեւանի առջեւ ցրուեց (ՍԵԲ. 184), որով Վասպուրականի թեւն ալ անոնց ետեւէն ետ քաշուեցաւ, եւ պահ մը արշաւանքները ընդհատեցան, որով ապահովանայր առժամանակ մի ի չար հինից Հագարու` աշխարհս մեր (ՅՈՎ. 109): Այդ խաղաղութեան ժամանակը` կրնանք մերձաւորաբար տասնամեայ միջոց մը հաշուել, 642-էն 652, կամ թէ քիչ մը նուազ:

479. ԶԱՆԱԶԱՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՔ

Այդ տարիներուն մէջն է որ Ներսէս կարող կ՚ըլլայ ամէն կողմ շինարար նորոգութեանց ձեռնարկել, որով Շինող մականունին արժանացաւ պատմութեան մէջ: Յիշատակուած շինութիւններէն մէկն է Ս. Սարգիսի եկեղեցին Դուինի մէջ, որ այրած էր քաղաքին առման ատեն: Երկրորդ կը յիշուի Խորվիրապի եկեղեցին, բայց երկուք են այժմ Խորվիրապի եկեղեցիները, մէկը նոյնիսկ Վիրապին բերնին վրայ շինուած, իսկ միւսը քիչ մը անդին վանքին բակին մէջ: Ներսէսի շինածը նկարագրելով պատմութիւնը կը գրէ ի վերայ վիրապի սրբոյն Գրիգորի (ՅՈՎ. 106), որ նոյնիսկ Վիրապի բերնին վրայ շինուած եկեղեցիին կը յարմարի: Անտարակոյս ուրիշ շատ մը աւրուած կամ քանդուած եկեղեցիներու նորոգութեան ձեռնարկեց, վասնզի մէկ երկու շինութեամբ չէր կրնար Շինող մականունը ստանալ (61): Բայց Ներսէսի անունին հռչակ տուողն եղաւ Վաղարշապատի Ս. Գրիգորի կաթողիկէն, որ Զուարթնոց եկեղեցի ալ կոչուած է, որովհետեւ նուիրեալ էր յանուն երկնաւոր Զուարթնոցն` որոց երեւեալ ի տեսեալն սրբոյն Գրիգորի (ՍԵԲ. 186), ինչպէս նաեւ Առապարի եկեղեցի ալ ըսուած է, որովհետեւ շինուած էր յառապարի (ՎԱՐ. 67), ի վերայ ճանապարհին յորում ասեն ընդ առաջ եղեւ թագաւորն Տրդատ սրբոյն Գրիգորի (ՍԵԲ. 186): Շինուածը մեծ զարմացմամբ գովուած է ամէն պատմագիրներէ, թէ էր բարձր շինուածովք եւ չքնաղ զարմանալեօք, արժանի ատսուածային պատուոյն (ՍԵԲ. 186), թէ էր մեծ եւ հրաշալի եւ բազմապայծառ յարկ տան Աստուծոյ (ՅՈՎ. 107), եւ թէ էր զարմացուցիչ տեսողաց (ԿԻՐ. 34): Այդ մեծ տաճարը յետոյ աւերեցաւ ի Տաճկաց (ԿԻՐ. 34), բայց աւերակներն ալ չէին տեսնուեր Վաղարշապատի դաշտին մէջ, եւ միայն քանի մը հողակոյտներ իբր նշան կը ցուցուէին, մինչեւ որ վերջին ատեններ Խաչիկ Դատեան վարդապետի աշխատութեամբ պեղումներ կատարուեցան, եւ գտնուած աւերակներ եւ բեկորներ հաստատեցին տրուած գովեստներուն ստուգութիւնը (62): Մեծ գմբէթին չորս սիւներուն ներքեւը Ներսէս զետեղած էր զնշխարս ոսկերաց սրբոյն Գրիգորի, իսկ Լուսաւորչի գլուխը չէր ուզած ի խորոջ ծածկել, այլ զետեղած էր արտաքոյ ի գզրոցի (ՅՈՎ. 187), բարեպաշտներուն տեսանելի ըլլալու կերպով: Այս գլուխն է որ այժմ Իտալիոյ Նէապոլիս քաղաքը Լուսաւորչի անունին նուիրեալ եկեղեցւոյն մէջ պահուած է: Ներսէս այն եկեղեցւոյն կից իւր բնակութիւն ալ շինեց, եւ եկեղեցւոյն եւ հայրապետանոցին շուրջ ալ այգիներ եւ ծառաստաններ տնկեց: Քասաղ գետէն ջուր ալ բերաւ ոռոգելու համար, եւ այն առապար տեղերը ծաղկեցուց: Շուրջանակի պատուար ալ քաշեց, եւ բնակութիւնը բարձր պարիսպով պատեց, ինչպէս ժամանակին պարագաները կը պահանջէին (ՍԵԲ. 186): Կ՚երեւի թէ իր անունով ի հիմանց կանգնուած շինութեան մը դիտումն էր, որ Ներսէսը յորդորեց Զուարթնոց կաթողիկէին եւ յատուկ հայրապետանոց կառուցանել: Այդ տաճարին մէջ զետեղուած կ՚ըսուին Մախոժ-Յիզտիբուզտի եւ Սուրհան-Դաւիթի նշխարներն ալ (ՎԱՐ. 67), սակայն պէտք է ուրիշի ձեռօք դրուած ըլլան, վասնզի Դաւիթ աւելի ուշ է ժամանակով, իսկ Յիզտիբուզտի մասունքը ժամանակակիցներ չեն յիշեր:

480. ԴԸՒՆԱՅ ԺՈՂՈՎԸ

Խաղաղութեան միջոցէն օգտուելով Ներսէս, նիւթական շինութեանց հետ` եկեղեցական բարեկարգութեանց ալ ուզեց հոգ տանիլ, եւ այդ մտածմունքով ժողով գումարեց Դըւնայ մէջ, նպատակ ունենալով կարեւոր եւ ստիպողական կէտեր կարգադրել: Այդ ժողովն է հարկաւ, որոյ կանոնները Կանոնագիրքին մէջ ալ անցած են (ԿԱՆ. 135): Գումարման թուականը այնտեղ ըսուած է յամի չորրորդի Կոստանդիանոսի կայսեր, որ է անշուշտ Հերակլի թոռ Կոստանդինը, եւ չորրորդ տարին կը պատասխանէ 645 թուականին: Սակայն միւս կողմէն, Կոստանդինի Հայաստան եկած տարին ըսուած է թէ ժողով մը եղած է յառաջ քան զայս չորս ամօք (ՍԵԲ. 223), որ 652-էն ետ դառնալով կ՚իյնայ 648-ին: Այդ երկու տարբեր թուականները, մեր կարծիքով պէտք է պատշաճեցնել երկու տարբեր ժողովներու, ինչպէս յառաջիկային պիտի բացատրենք: Ժողովականներուն գալով կաթողիկոսէն զատ 16 եպիսկոպոսներ կը յիշուին մեր ձեռքը եղած Կանոնագիրքի օրինակին մէջ, որք են Յովհաննէս Մարդպետական, Ներսէս Հարքայ, Քրիստոսատուր Բասենոյ, Իսրայէլ Տայոց, Յովհաննէս Մարգաղւոյ, Յովհան Բզնունեաց, Գրիգոր Աշմունեաց, Սեբէոս Բագրատունեաց, Գրիգոր Խորխոռունեաց, Սիմէոն Ռշտունեաց, Իսրայէլ Վանանդայ, Թէոփիլոս Արշարունեաց, Ասայէլ Ամատունեաց, Գրիգոր Անձեւացեաց, Թադէոս Գնունեաց, եւ Սամուէլ Մեհնունեաց եպիսկոպոսները (ԿԱՆ. 138): Ասոնցմէ դուրս Յակոբոս Պալունեաց եպիսկոպոսը կ՚աւելցուի ուրիշ ցուցակի մէջ (ՉԱՄ. Բ. 345): Յիշուած անուններուն մէջէն Յովհան Մարդպետական եպիսկոպոսը յիշուեցաւ արդէն Եզրի եւ Մաթուսաղայի հետ Հերակլի ուղղուած գրութեան առթիւ 450), Սեբէոս Բագրատունեաց եպիսկոպոսը ծանօթ պատմագիրն է, որ իբր ժամանակակից շատ բան մանրամասնօրէն կը գրէ, բայց այս առաջին ժողովին մասին բան մը գրած չէ: Իսկ Իսրայէլ Վանանդայ եպիսկոպոսը հաւանաբար նոյնինքն Իսրայէլ Ոթմսեցի ապագայ կաթողիկոսն է: Նկատելի է Սիւնեաց եպիսկոպոսին բացակայութիւնը, որ տակաւին Մաթուսաղան էր, եւ հաւանաբար ծերութեան պատճառով բացակայ եղած է: Ժողովին մէջ հնար չէ, որ դաւանական խնդիրն ալ յուզուած չըլլայ, եւ հիմնուելով քանի մը տարի ետք Կոստանդինի գրուած նամակին պէտք է ըսել թէ բացարձակ հակաքաղկեդոնիկ դաւանութիւնը հռչակուեցաւ ժողովէն: Բայց կ՚երեւի թէ ժողովին նպատակը գլխաւորապէս բարեկարգական կէտերն էին: Ժողովին 12 կանոնները Կանոնագիրքին անցած են, իբր Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական օրէնքներ:

481. ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Ներսէսի օրով գումարուած Դըւնայ ժողովին 12 կանոններէն առաջին չորսերը եպիսկոպոսներուն մասին կը խօսին, հրամայելով նախապէս, որ սրբութեամբ եւ արդարութեամբ ապրին, ուրիշի վիճակին մէջ իրաւունք չգործածեն, եւ նոյնիսկ ուր ոչ գոյ եպիսկոպոս, մերձաւոր եպիսկոպոսներ կաթողիկոսի հրամանով միայն պէտք եղած գործողութիւնները կատարեն, բայց հասոյթները նոյն վիճակին թողուն: Ինչպէս նաեւ իրարու վիճակներ չյափշտակեն, եւ եթէ սահմաններու խնդիր ունենան, քննութեան ենթարկեն եւ բռնութեան չդիմեն: Աւելի խստիւ կ՚արգիլուին զօշաքաղութեան գործերը, վանքերու եւ դպրոցներու այցելած ատեննին` իրենց հետեւորդներով կերակրուելէ աւելի բան չպահանջեն, եւ տուգանքներէ գանձուած գումարները չիւրացնեն, այլ կարօտներու խնամքին եւ տկարանոցներու պահպանութեան ծախսեն: Հինգերորդ կանոնը կը խօսի եկեղեցական հասոյթներու վրայ, եւ կը հրամայէ որ Լուսաւորչի եւ Տրդատի օրէն իւրաքանչիւր վանքի կամ եկեղեցւոյ նուիրուած կալսուածներ անփոփոխ մնան, եւ ոչ թէ ծախքին համեմատութեամբ վճարուին: Եկեղեցականներուն ալ կը պատուիրէ որոշուած հասոյթով գոհանալ, եւ նուազութեան պատճառանքով պաշտօնը չնուազեցնել. իշխանութիւն տալով եպիսկոպոսին յուլացողները եւ խափանողները, խրատել եւ ածել ի կարգ ուղղութեան: Նշանակելի է որ այդ սաստին կ՚ենթարկուի նաեւ այն, որ զմանկունս ուխտին ի դպրոց ոչ տայցէ: Յաջորդ կանոնով կը հրամայէ պաշտօննին չկատարող եկեղեցականները մինչեւ երեք տարի հասոյթէ զրկել: Եւ եթէ տակաւին շարունակեն գրով եւ կնքով մերժել ի շնորհացն, որ է կարգալոյծ հռչակել: Եօթներորդ կանոնով կը հրամայուի, որ այր կամ կին, որոյ ամուսինը գերութեան գացած է, մինչեւ եօթը տարի համբերէ, եւ անկէ ետքը կարենոյ ամուսնանալ: Եթէ անկէ առաջ ամուսնացաւ, եւ առաջին ամուսինը դարձաւ, երկրորդէն զատուի եւ առաջինին դառնայ: Իսկ եթէ եօթը տարիէն վերջ գերութենէն դառնայ, կամ առաջինին դառնայ կամ նորէն ամուսնանայ: Բայց այդ ամէն պարագաներուն մէջ միշտ ապաշխարութեան պայմանը կցուած է: Ութերորդ կանոնը անորդի եկեղեցականներուն ժառանգութեան համար է, որոնց ժառանգը իրենց եկեղեցին պիտի ըլլայ, բայց կը ներուի որ մերձաւորներէն մէկը որդեգրեն, եւ կատարեալ ժառանգ ընեն` եթէ նա քահանայանայ, թէ ոչ մասնակի միայն: Նոյն կանոնին մէջ նախապէս եղած զեղծումներու եւ եկեղեցական հասոյթներու օտարացումներու վրայ խօսուելով կը հրամայուի, որ Խոսրովի եւ Հերակլի օրերէն առաջ եղածը մի' շարժեսցի: Վերջին չորս կանոնները իշխաններու եւ ազատներու համար են, որոնք եկեղեցականներու եւ կարօտներու վրայ տարապայման կը բռնանան եղեր: Ժողովը կը հրամայէ որ եկեղեցիներու եւ եկեղեցականներու եւ երիցուհիներու իրաւունքները եւ հասոյթները չյափշտակեն, իրենց քմաց համեմատ չբաշխեն, անոնց վրայ հարկ ու տուրք չդնեն, վանքերու մէջ բնակութիւն չհաստատեն, վանականները ուզածնուն պէս չփոփոխեն, իրենց նախնիքներուն հաստատութեանց ուխտի երթան, բայց ժլատութեամբ մի' իշխեսցեն. տկարանոցներու վրայ որեւէ բռնութիւն եւ զրկում չընեն, այլ ընդհակառակն ջանան հոգալ եւ խնամել, եւ ամէն բերքերէ տալ մասն եւ բաժին, եւ ուղեւորութեան ատեն վանքերու մէջ չիջեւանին, եւ զսասանօք եւ վարձակօք զնուիրեալ տեղիսն չպղծեն: Ժողովը կը յայտարարէ թէ վանքեր օթեւանք են եպիսկոպոսաց եւ քահանայից եւ սարկաւագաց եւ աբեղայից եւ աղքատաց, իսկ եթէ ազատք եւ տիկնայք վանքեր հանդիպին, մի' ունայնաձեռն երեւեսցին: Այդ կանոններուն դէմ գործողներուն սպառնացուած վճիռն է, թէ հեռի եղիցին ի սրբոց եւ ի մերմէ օրհնութենէ, յԱստուծոյ եւ ի մեր ժողովոյս, որով կ՚իմացուին հոգեւորական զրկումներ: Ժողովը իր խօսքը կը փակէ յայտնելով թէ մտացածին ինչ չեն իր կանոնները, այլ Լուսաւորչի եւ Տրդատի եւ Գրիգորի զաւակներուն հրամաններն են զորս կը նորոգէ (ԿԱՆ. 135-138):

482. ՃՈՆԸՆՏԻՐ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

Ներսէսի վերագրուած բարեկարգութիւններէն մէկն ալ` եկեղեցւոյ մէջ երգուած շարականները պարտաւորեալ կանոնի մը վերածելն է: Անգամ մը Ներսէս վարդավառի տօնին առթիւ կը գտնուի Բագաւանի եկեղեցին, որ է Բագրեւանդայ Ս. Յովհաննէսը, աշխարհաժողով տօնախմբութիւնը կատարելու լուսաւորչադիր կարգադրութեան համեմատ: Երբոր Հարց ի շարականին կարգը կու գայ, մէկ դասէն դասապետը հարց մը կը սկսի, զոր միւս դասը չի կրնար կրկնել, եւ այսպէս ութ Հարց փոխեցին, եւ ոչ կարացին առնուլ զմիմիանցն (ՎԱՐ. 69): Անտեղութեան պատճառը այն էր, որ մինչեւ այն ատեն երգերը պարտաւորիչ նոյնութեան ենթարկեալ չէին, եւ երաժիշտներ ազատութիւն ունէին նորանոր շարականներ կազմել եւ եղանակաւորել, եւ համաձայնելով եկեղեցւոյ մէջ երգել, որ տեսակ մը ճոխութիւն կրնար նկատուիլ: Սակայն այդ ազատութիւնը մինչեւ զեղծում հասած էր, եւ անտեղի մրցումներ ու նորութեանց պայքարներ սկսեր էին տարածուիլ: Բագաւանի գայթակղութիւնը չափը լրացուց, եւ Ներսէս ուզեց գործը կանոնի վերածել, ուստի հաւանութեամբ ժողովոյն (ԿԻՐ. 94), հարկաւ վերեւ յիշուած 645-ի ժողովին, հրամայեց ընտրել զարժանն եւ զայն միայն ուսանել (ՎԱՐ. 69): Իսկ այս ընտրութիւնը կատարելու գործը յանձնուեցաւ Շիրակայ Դպրեվանքին առաջնորդ Բարսեղ Ճոն վարդապետին, որ թէ' մեծ հմտութեան եւ թէ' կատարեալ սրբութեան յարգ կը վայելէր: Այսպէս սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ երգուելիք շարականները հայրապետական իշխանութեամբ որոշելու օրէնքը: Առաջին ընտրութիւնը, որ Ճոնընտիր կոչուած է, Ներսէսի իշխանութեամբ հրամայուեցաւ, եւ եթէ անոր վրայ յետոյ յաւելուածներ ալ եղած են, միշտ հայրապետական իշխանութեամբ հաստատուած են: Ճոնընտիր զտումը լրանալէն ետքը` Ներսէս հրամայեց որ այնուհետեւ յամենայն եկեղեցիս ամենայն օր մի պաշտօն լիցի, այսինքն է ամէն եկեղեցիներ միեւնոյն օր միեւնոյն շարականները երգեն ու այդ նպատակով յատուկ երաժշտագէտ ու հմուտ պաշտօնեաներ ընտրեց, որ ամէն կողմ պտըտին, Ճոնընտիր շարականները տարածեն եւ երգեցողութիւնները սորվեցնեն, եւ զնոյն կարգաւորութիւն հաստատեսցեն, որ է մինչեւ ցայսօր (ԿԻՐ. 34):

483. ՀԱՅԵՐ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐ

Եզրի օրով տեղի ունեցած քաղկեդոնական զիջումը, անցաւոր կերպ մըն էր հաւանական վտանգէ մը ազատելու, ոչ Եզր իր կաթողիկոսութեան վերջերը, եւ ոչ Ներսէս իր կաթողիկոսութեան սկիզբը այդ զիջողութեան կարեւորութիւն տուին, եւ Հայոց արմատացեալ հակաքաղկեդոնականութիւնը իր ամենայն զօրութեամբ կը տիրապետէր: Անիկա նոր ոյժ մըն ալ ստացած էր Դըւնայ վերջին ժողովին մէջ նորոգուած հաստատութեամբը, եւ Հայ ժողովուրդը աւելի համարձակութեամբ կը զլանար Յունաց իր հոգեւոր հաղորդակցութիւնը: Կրնանք ըսել թէ Հայոց զիջողութեան էութիւնը Քաղկեդոնիկներուն հետ պարզապէս հոգեւոր հաղորդակցութեան հաւանիլն էր, եւ ոչ թէ Քաղկեդոնիկներուն դաւանութեան իւրացումը: Իսկ դաւանութեամբ տարբերող քրիստոնէից հոգեւոր հաղորդակցութիւն չզլանալը` Հայոց Եկեղեցւոյ աւանդական թոյլատու եւ ներողամիտ հոգւոյն` բնական հետեւանքն է, եւ իր դաւանութիւնը փոխած լինելու եզրակացութեան չի տանիր: Բայց միջին դարերու մէջ աւելի զօրաւոր էր ժողովրդական կրօնասիրութիւնը, եւ դիւրաւ աններող գործերու կը մղուէր: Այս երեւոյթը աւելի սաստկացաւ այդ միջոցին, եւ Հայք սկսան մերժել Յոյներու հաղորդակցութիւնը, խորշելով անոնց պատարագէն, եւ Յոյները հեռացնելով իրենց պատարագէն: Յոյն զինուորականներ, որ Հայաստանի կայսերական բանակին մէջ կը գտնուէին, այդ ընթացքէն վշտանալով, մինչեւ Կոստանդնուպոլիս գանգատագիրներ հասցուցին, թէ իբրեւ զանօրէնս համարեալ եմք յաշխարհիս յայսմիկ, պատճառ ցուցնելով, թէ անարգանս համարին Քրիստոսի Աստուծոյ` զժողովն Քաղկեդոնի (ՍԵԲ. 187): Մասնաւոր գրուածներ իբրեւ խորշելու պատճառներ կը ցուցնեն նաեւ` Յոյներուն պահեցողութեան մասին թուլութիւնները, եւ բարոյական յարաբերութեանց մասին գայթակղութիւնները (ՉԱՄ. Բ. 349): Բիւզանդական արքունիքը Հայոց ընթացքին մասին զայրացաւ, ոչ միայն զինքն անպատուած զգալով, այլեւ Հերակլի եւ Եզրի միջեւ գոյացած համաձայնութեան հակառակ նկատելով: Ուստի Կոստանդին կայսր եւ Պիւռոս պատրիարք հրամանագիրներ յղեցին կաթողիկոսին եւ սպարապետին, զի միաբանութիւն հաւատոյ արասցեն ընդ Հոռոմի, եւ միանգամայն Դաւիթ Բագաւանցի հայազգի գիտնականը Հայաստան ղրկեցին, որ բացատրէ ու համոզէ, որպէսզի Հայեր ի բաց հատցեն զհակառակութիւնն (ՍԵԲ. 187):

484. ԴԸՒՆԱՅ ՄԻՒՍ ԺՈՂՈՎԸ

Դաւիթ Բագաւանցին Դուին հասաւ կայսերական հրովարտակով եւ պատրիարքական կոնդակով, եւ հրամանին հետ իր համոզկեր խօսքերն ալ կ՚աւելցնէր, Քաղկեդոնի դաւանական բանաձեւին պաշտպանութիւնն ընելով: Ներսէս կաթողիկոս եւ Թէոդորոս սպարապետ հրաժարեցան անձամբ որոշում տալ, եւ ժողովի պէտքը զգացուցին, եւ այսպէս ժողովեցան ամենայն եպիսկոպոսունք եւ նախարարքն Հայոց ի Դուին (ՍԵԲ. 187): Այս է մեր կարծեօք 648-ի ժողովը, որուն ակնարկեցինք 480), Կոստանդինի Հայաստան գալէն 4 տարի առաջ գումարուած (ՍԵԲ. 223): Թէպէտ այլուր միայն 2 տարի առաջ ըսուած է (ՅՈՎ. 111), այլ պատմութեան կարգին յարմարագոյն է 648 թուականը պահել: Ժողովական եպիսկոպոսներուն ոչ թիւը ունինք եւ ոչ անունները, բայց ամենայն եպիսկոպոսունք բացատրութիւնը ենթադրել կու տայ թէ 645-ի ժողովին ներկաներէն շատ աւելի էին 648-ի ժողովին եկողները: Նոյնպէս նախարարներուն ալ թիւն ու անունը չունինք, միայն մտադրութեան արժանի կը լինի տեսնել` որ նախարարներուն գլուխը կը յիշուի Թէոդորոս Ռշտունի սպարապետը, եւ բնաւ յիշատակութիւն չկայ Սմբատ Բագրատունի կուրապաղատին վրայ: Այդ լռութեան իբր բացատրութիւն կը գտնենք, որ Սմբատ ասպետ, Սմբատ Խոսրովշումի թոռը, այդ միջոցին Բիւզանդիոն կը գտնուի, եւ դաւաճանութեան գործի մը մէջ խառնուած սեպուելով` աքսորի կը դատապարտուի (ՍԵԲ. 213): Իսկ Հայաստանէ հեռացած ըլլալուն ալ պատճառ պէտք է ճանչնալ, որ իր պաշտօնավարութիւնը Հայոց մէջ համակրութիւն չէր գտած, եւ իշխանութիւն կը վարէր, եթէ կամիցին իշխանքն Հայոց, եւ եթէ ոչ կամիցին (ՍԵԲ. 182), որ է ըսել նախարարներուն կամքին հակառակ: Հարկաւ այդ տարտամ կացութենէ հեռանալու համար է, որ Սմբատ Բիւզանդիոն գացած էր, որպէսզի իր դիրքը ապահովէ, բայց հոն պատահմամբ հակառակութեան մատնուած է, չկրնալով անտարբեր մնալ այն շփոթութեանց առջեւ, որոնք կը յուզուէին, իր իսկ աներոջ Մանուէլ Մագիստրոսի դէմ (ՍԵԲ. 213): Իսկ կայսրը, առանց Հայաստանի կառավարութեան որոշ ձեւ մը տալու, վարչական գործերն ալ առժամապէս թողած էր Թէոդորոս սպարապետին ձեռք, որուն ուղղուած էր նաեւ Դաւիթ Բագաւանցիին բերած հրամանագիրը: Ներսէսի եւ Թէոդորոսի ձեռքով հրաւիրուած ժողովականներ, տեսին զհրամանս թագաւորին եւ լուան զբանս փիլիսոփային, բայց չհամակերպեցան եղած առաջարկութեանց, եւ չառին յանձն փոխել ճշմարիտ վարդապետութիւն սրբոյն Գրիգորի ըստ տոմարին Լեւոնի, եւ միակամ հաւանութեամբ Ներսէս եւ եպիսկոպոսներ, Թէոդորոս եւ նախարարներ, որոշեցին առնել թղթոյն պատասխանի (ՍԵԲ. 187): Այդ թուղթը զոր ճշմարիտ եւ ուղղադաւան կ՚անուանէ Սեբէոս (ՍԵԲ. 188), ամբողջութեամբ յառաջ բերած է իր պատմութեան մէջ, եւ անհականական չէ կարծել, որ ինքն իսկ անոր խմբագրութեան մէջ մաս ունեցած ըլլայ: Քանի որ 645-ի ժողովին ներկայ էր 480), հարկաւ 648-ի ժողովին ալ կը գտնուէր, եւ որովհետեւ գրիչի տէր ճանչցուած էր, ինքն եղած կ՚ըլլայ գրողը, եւ այս պատճառով իր պատմութեան մէջ բացառիկ կարեւորութիւն տուած կ՚ըլլայ այդ գրութեան (ՍԵԲ. 188-211):

485. ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹԸ

Ժողովական թուղթը քանի մը պատշաճից խօսքերէն ետքը, կը յիշէ թէ նոյնիսկ Պարսից թագաւորներ Կաւատ եւ Խոսրով, չուզեցին Հայերը հաւատքի համար նեղել, որով քրիստոնեայ կայսրներէ հաւատքի ստիպումներ` չեն սպասեր: Ասոր վրայ ընդարձակօրէն կը պատմեն Խոսրովի օրով տեղի ունեցած Պարսից ժողովին գործերը, եւ Խոսրովի վճիռը, թէ ամենայն քրիստոնեայք որ ընդ իմով իշխանութեամբս են, հաւատ զՀայոց կալցեն (ՍԵԲ. 193): Ասոր վրայ կ՚եզրակացնեն, թէ ինչ որ Խոսրով շնորհեց, հարկաւ քրիստոնեայ կայսր մը հակառակը պիտի չընէ, եւ այս առթիւ քիչ մըն ալ գովեստներ կը շռայլեն: Անկէց կ՚անցնին աւետարանէն եւ առաքելական թուղթերէն վկայութիւններ բերել եւ բացատրել, եւ կը հաստատեն թէ երբեք Ս. Գիրքը` Քրիստոսը ոչ բաժանեաց յերկուս բնութիւնս, յերկուս անձինս եւ յերկուս միտս (ՍԵԲ. 196): Ս. Գիրքէն ետքը վկայութիւն կը բերեն առաջին առաքելական հայրերը, Նիկիոյ ժողովը եւ նշանաւոր հայրապետները, որք նախկին դաւանութիւնը պահեցին, եւ կը յայտարարեն թէ Հայոց դաւանութիւնը միեւնոյնն է, զոր իրենք Լուսաւորչի ժամանակէն ունեցած են, Հռոմի եւ Կեսարիոյ եկեղեցիներու եւ երեք ժողովներու հետ համաձայնութեամբ: Ասոր վրայ ամբողջաբար յառաջ կը բերեն Հայ Եկեղեցւոյ գործածած հանգանակը, զոր կ՚անուանեն` ձայն սիւնհոդոսական ժողովոյն Նիկիոյ, Արիստակէսի ձեռքով ստացուած (ՍԵԲ. 202): Քանի մը պատմական յիշատակներ ալ կ՚աւելցնեն Կոստանդիանոսի դարձին, եւ անոր յաջորդած ժամանակ պահուած դաւանութեան վրայ, մինչեւ Մարկիանոսի ժամանակը, որ զայն խանգարեց ի ձեռն տոմարին Լեւոնի (ՍԵԲ. 205): Բնութեանց եւ Քաղկեդոնի խնդիրը փակելով, ինչ ինչ բացատրութիւններ կ՚աւելցնեն Սուրբ Աստուած ը խաչեցար ով ըսելնուն համար, խաչը պատուելու եւ խաչով պարծենալու համար: Կը խօսին եւս երկրորդ անգամ ամուսնացողները եռամեայ ապաշխարութենէ ետքը հաղորդութեան ընդունելու, եւ երրորդ եւ չորրորդ անգամ ամուսնացողները հաղորդութենէ զրկելու կանոններուն վրայ. սուրբ են անկողինք խօսքը այնպիսիներուն չյարմարելուն համար: Նիկիոյ ժողովէն ետքը գումարուած ժողովներուն համար կ՚ըսեն, թէ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եփեսոսի ժողովներուն համար` հին վարդապետացն ասացեալ է, թէ սուրբ եւ ճշմարիտ են, բայց զՔաղկեդոնի ժողովն չասացին ճշմարիտ. վասնզի առաջնորդք ժողովոյն որչափ ալ չհաւանեցան Եւտիքի ամբարշտութեանն, սակայն զմիտսն Նեստորի ունէին, բայց ոչ իշխէին ի վեր հանել (ՍԵԲ. 208): Քաղկեդոնական վարդապետութեան մասին նորէն քանի մը դիտողութիւններ աւելցնելով, թուղթը կը փակեն ըսելով, թէ ճշմարտութիւնը յայտնելու համար, պարտք զգացին զսահմանադրութիւն ուղղափառ հաւատոյն, զոր ընկալան հարքն մեր ի բուն առաքելական վարդապետացն` ծանուցանել առաջի աստուածասէր եւ բարեպաշտ թագաւորութեանդ ի ձեռն պատճէնիս: Վերջին խօսքերը նորէն աղօթքներ եւ պատշաճից բացատրութիւններ են, ինչպէս ամէն նամակագրութեանց մէջ սովորութիւն է (ՍԵԲ. 211):

486. ԱՐԱԲԱՑՒՈՑ ՄԵՐՁԵՑՈՒՄԸ

Կայսերական պատգամաւորն Դաւիթ Բագաւանցին հարկաւ ետ դարձած է, թէպէտ բան մը գրուած չէ, բայց ժողովական գիրը կայսեր չէ ղրկուած, եւ կ՚երեւի որ կաթողիկոս եւ պատգամաւոր դարձուած մը յարմարցուցած են, Յոյները չգրգռելու համար: Թերեւս Ներսէս` եպիսկոպոսներն ալ համազեց չղրկել, վասնզի ըսուած ալ է, թէ գիրը իրեն տրուեցաւ զի պահեսցէ յեկեղեցւոջն (ՍԵԲ. 221): Միւս կողմէն նոր կրկնում մը կամ նոր ձայն մը չելաւ այլեւս արքունիքէն եւ նոր ստիպումներ չեկան Բիւզանդիոնէ: Այդ լռութեան պատճառ եղած է գլխաւորապէս Բիւզանդական արքունեաց ամբողջ մտադրութեան` Արաբական արշաւանքներուն կողմէն գրաւուած ըլլալը: Էօմէր, մոլեգին պարսիկի մը ձեռքով սպանուած էր 644-ին, եւ իրեն յաջորդած էր Օսման, 80 տարեկան հասակին մէջ: Թէպէտ ինքն անձամբ անկարող, բայց իր օգնականները, մեծաւ մասամբ նորահասներ, նոր աշխարհակալութեանց եւ նոր յաղթութեանց հետամուտ, երեք կողմէն ահագին արշաւանքներ կը մղէին կայսրութեան դէմ, որուն հետ հաստատուած եռամեայ հաշտութեան կամ զինադադարի պայմանաժամն ալ լրացած էր (ՍԵԲ. 215): Թեւ մը Եգիպտոսը կրկին նւաճելով, Ափրիկէի հիւսիսային երկիրները գրաւած, եւ Հերակլեան նեղուցն ալ անցնելով Սպանիա մտած էր: Ուրիշ թեւ մը Ասորիքէն դէպի Կիլիկիա եւ Փոքր Ասիա կը յառաջէր յաղթական գնացքով: Երրորդ թեւ մը Միջագետքէն դէպի Պարսկաստան կ՚երթար, ուր Յազկերտ նոր փորձեր կ՚ընէր թագաւորութիւնը վերահաստատելու: Այդ գունդը Հայաստանի վրայ ալ արշաւանքներ կը կատարէր, եւ ժողովուրդը կը նեղէր: Եթէ Ափրիկէի արշաւանքը կրնար անտարբեր թողուլ Հայերը, բայց ոչ նոյնպէս Փոքր Ասիոյ եւ Միջագետքի արշաւանքները, որք Հայերուն վրայ կը ծանրանային եւ Հայաստանի կը սպառնային: Յունաց կայսրութիւնը, որ երկրին տիրապետողն էր իրաւապէս, իրապէս ոչինչ չէր ըներ, գուցէ չէր ալ կրնար ընել: Միայն Հայաստան գտնուող Յոյն զօրավարներ եւ գունդեր Հայերը կը նեղէին եւ կը կեղեքէին, եւ բռնութիւններ կը գործէին քաղկեդոնական խնդիրին պատճառով, կամ բռնի հաղորդակցութեան ստիպելով, կամ տարօրինակ պահանջումներ առաջարկելով: Յուսահատ կացութեան մէջ ներքին անհամաձայնութիւն կը ծագի Հայոց մէջ, եւ չեն կրնար միաբանիլ ինչ ընելիքնուն վրայ: Յոյներուն հաւատարիմ մնալով Արաբացւոց թշնամութիւնը կը գրգռէին` առանց Յոյներէ պաշտպանութիւն գտնելու, մինչ Արաբացւոց կողմը դառնալով, իրենց քրիստոնէութիւնը անարգած կը սեպուէին, թէպէտ Յունաց դաւանութեան համամիտ չէին: Դաւիթի ձեռքով ղրկուած հրամանն ալ զայրացուցած էր հոգիները, իսկ Հայաստան գտնուող Յոյներուն ընթացքն ալ զայրոյթ եւ զզուանք պատճառած էր: Ահա զանազան տեսակէտներ, որք միտքերը կը շփոթէին, եւ զանազան միտումներ կը թելադրէին` որք համաձայնութեան չէին նպաստեր: Այդ գաղափարները 649-է սկսելով հետզհետէ զօրացան, եւ տարի մը կամ երկու երկիրը անստոյգ վարանման մատնեցին: Եկեղեցականաց կողմը Ներսէս կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ միշտ կրօնական տեսակէտը ամուր բռնելով, հոգւով չափ կը խորշէր իսլամական մերձաւորութենէն, մինչ նախարարները Թէոդորոս սպարապետի գլխաւորութեամբ` որեւէ կերպով ապահովութեան վիճակ մը կը փնտռէին, առանց իսլամութիւնը ընդունելու: Վերջապէս նախարարաց կողմը զօրացաւ, որոնց ձեռքն էր քաղաքական վարչութիւնը եւ զինուորական ոյժը: Թէոդորոս Ռշտունի բանակցութեան մտաւ Մուավիէ զօրավարին հետ, որ Փոքր Ասիոյ կողմէն կը յառաջէր: Հայերը կը հաւանէին Արաբացւոց հպատակիլ եւ Յոյներէն բաժնուիլ, առ այժմ ապահարկ մնալ, եօթը տարի ետքը սակ կամ հարկ տալ որչափ որ կարենան, եւ 15000 հեծեալ պահել, եւ իրենց հաւատքին մէջ մնալ: Իսկ Արաբացիք կը խոստանային օգնութեան զօրք ղրկել Յունաց դէմ, Հայ հեծեալները շատ հեռու չղրկել, Տաճիկ պաշտօնեաներ չդնել, եւ հարկին հաշւոյն արմտիք ալ ընդունիլ (ՍԵԲ. 216): Եկեղեցական կողմը բռնադատուեցաւ լռել, թէպէտեւ եղած դաշնադրութիւնը համարեցաւ` ուխտ ընդ մահու եւ դաշինս ընդ դժոխոց (ՍԵԲ. 215): Այդ դաշնադրութեան թուականը կրնանք դնել 651-ին, որով Հայոց վարանման միջոցը երկու տարիի չափ ձգձգուած կ՚ըլլայ:

487. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Հազիւ թէ գործը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լսուեցաւ, Կայսրը ջանաց քաղցրութեամբ Հայերը հպատակութեան դարձնել, բազում աղաչանս եւ պաղատանս գրեաց, առաջարկեց որ կամ գլխաւորներ Կոստանդնուպոլիս գան, կամ ինքն իսկ Կարին գայ, եւ միասին որոշեն թէ զինչ արժան իցէ առնել. բայց Թէոդորոս եւ նախարարներ ոչ կամեցան լսել նմա: Տրտունջը սկսաւ շատնալ Յունաց մէջ, եւ զինուորական կողմը ձայն բարձրացուց Հայերէն վրէժ լուծելու համար, մինչեւ որ Կոստանդին կայսր, դեռեւս 24 տարեկան երիտասարդ, պարտաւորուեցաւ բոլոր իր ոյժը թափել, եւ ստուար բանակով Հայաստան երթալ, զի բարձցէ զերկիրն ի միջոյ (ՍԵԲ. 219): Պարագան յաջող էր, վասնզի ծերացեալ Օսմանի տկար վարչութիւնը, հին զօրավարներուն անարգուիլը, եւ նորերուն երես գտնելը, ներքին խռովութիւններ պատճառած էին, եւ Արաբացիք առաջուան ոյժն ու բուռն թափը չէին ցուցներ ուրիշներու վրայ: Երբ Կոստանդին 652-ին իր բանակով մինչեւ Դերջան յառաջացաւ եւ Արաբացի զօրավարը չկրցաւ զայն արգիլել, նորէն Հայոց զգացումները փոխուեցան, Յոյներ սկսան զօրաւոր երեւնալ, եւ Արաբացիք տեղի տալու կերպարան առին: Ասոր վրայ անոնք, որ գրեթէ բռնադատեալ միացեր էին Թէոդորոսի կազմած արաբական դաշնագիրին, կամաց կամաց կայսեր կողմը անցան: Պատմութիւնը յանուանէ կը յիշէ Ծոփաց, Սպերի, Բագրատունեաց, Մանանազւոյ, Դարանաղւոյ, Եկեղեաց, Կարնոյ, Տայոց, Բասէնի, Վանանդայ, Շիրակայ, Խորխոռունեաց, Մամիկոնէից, Առաւեղեանց, Առանեանց, Վարաժնունեաց, Գնթունեաց եւ Սպանդունեաց նախարարները, որ իրենց գունդերով կայսեր հպատակութիւն յայտնեցին, յորդորուելով եւ քաջալերուելով կաթողիկոսէն եւ եպիսկոպոսներէն: Իսկ Թէոդորոս Ռշտունի հաստատուն մնաց, ուրիշ 40 գլխաւոր իշխաններով, որոնց հետ էին Թէոդորոս ու Գրիգոր Վահեւունիք, եւ Վարազներսէհ Դաշտկարի, ինչպէս նաեւ Վրացիք, Աղուանք, Սիւնիք, Ռշտունիք, Մարդպետականք եւ ուրիշներ: Կոստանդին Թէոդորոսը սպարապետութենէն հանեց եւ տեղը անուանեց Մուշեղ Մամիկոնեանը, եւ սկսաւ դիմադրող նախարարները հալածել, անոնց երկիրը աւերել, եւ ոմանք ալ ձեռք ձգելով բանտարկել: Իսկ Թէոդորոս քաշուեցաւ Աղթամարի կղզին, զոր ինքն իսկ ամրացուցած էր իբրեւ զօրաւոր բերդ մը (ՍԵԲ. 218): Կոստանդինի գործածած խստութիւններուն առջեւը առնելու համար, Ներսէս կաթողիկոս, Մուշեղ սպարապետ եւ ուրիշ նախարարներ անոր դիմելով, անկան ի վերայ երեսաց իւրեանց, եւ մեծաւ աղաչանօք եւ արտասուալից պաղատանօք խնդրեցին ողորմութիւն: Կոստանդին զիջաւ, իր գունդերը ամփոփեց եւ 20 հազարով Դուին եկաւ, եւ նոյնիսկ հայրապետանոցը իջեւանեցաւ (ՍԵԲ. 219):

488. ՆԵՐՍԷՍ ԿԸ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԻ

Երբոր Կոստանդին ինքզինքը կացութեան տէր տեսաւ, նորէն կրօնական խնդիրը ձեռք առաւ, նպատակ ունենալով Հայերը Հոռոմներու հետ հոգեւոր հաղորդակցութեան բռնադատել, եւ Քաղկեդոնի ժողովին պատճառով տեղի ունեցած խտրութիւնը եւ խորշումը ջնջել: Այս անգամ տեղի չունեցան այն բանակցութիւնները, որոնք Հերակլի ատեն կատարուեցան 464): Կոստանդին յաղթական տիրապետութեան ճոխութիւնն ունէր, Հայեր մեծ պաշտպանի եւ բարերարի դերը իրեն կու տային, եւ նոյն իսկ Հերակլի եւ Եզրի ժամանակ գոյացած համաձայնութեան` ստացեալ իրաւունքի եւ դաշնագրեալ պահանջի զօրութիւն կը տրուէր: Հետեւապէս Կոստանդին հրաման ըրաւ, որ Կիրակի օր մը, Դուինի Ս. Գրիգորի կաթողիկէին մէջ հոռոմերէն պատարագ մատուցուի ի հոռոմ երիցուէ: Այս առթիւ ժողովն Քաղկեդոնի իբր սուրբ ժողով յիշատակուեցաւ, եւ նոյն պատարագին մէջ միասին հաղորդուեցան Կոստանդին կայսր, Ներսէս կաթողիկոս, Մուշեղ սպարապետ, եւ ամէն եպիսկոպոսունք, որ կամաւ եւ որ ակամայ (ՍԵԲ. 220): Բայց մէկ եպիսկոպոս մը կը գտնուի որ հաղորդուելէ կը խուսափի, կամացուկ մը իր աթոռը կը թողու, բեմէն կ՚իջնէ, եւ կ՚երթայ ժողովուրդին կը խառնուի եւ կը ծածկուի: Երբոր եկեղեցւոյ արարողութիւնը կը վերջանայ եւ սենեակնին կը քաշուին, Կոստանդինի լուր կու տան տեղէն հեռացող եպիսկոպոսին մասին, եւ կայսեր հրամանով զայն ատեան կը բերեն: Թագաւորը նախ անկէ յայտարարութիւն կ՚առնէ` թէ Ներսէսը ճշմարիտ կաթողիկոս կը ճանչնայ, եւ յետոյ կը հարցնէ թէ ինչո՞ւ կաթողիկոսին եւ իրեն հետ հաղորդուելէ կը խուսափէր: Եպիսկոպոսը կը պատասխանէ թէ կայսրէն պատկառած է, որուն կերպարանը պատի վրայ նկարուած իսկ տեսնել, իրենպէսներուն դողում կը պատճառէ: Իսկ կաթողիկոսին համար կ՚ըսէ, թէ սա չորս տարի առաջ մեզ ժողովի գումարեց, եւ իրեն եւ մեր ամենուն կնիքով ու ստորագրութեամբ հաւատոյ գիր պատրաստել տուաւ` Քաղկեդոնի ժողովը մերժելու համար, եւ գիրն ալ տակաւին քովն է, հրամայեցէք խնդրել եւ տեսանել: Այդ յայտնութեան վրայ Ներսէս պապանձեալ կը մնայ, եւ կայսրը գիտացեալ զնենգութիւն նորա, կը յանդիմանէ զայն բանիւք բազմօք ի լեզու իւր: Բայց յետոյ եպիսկոպոսին կը հրամայէ երթալ հաղորդիլ ընդ կաթողիկոսին, ինչ որ աւելի` պաշտօնապէս հաշտուելու իմաստը կու տայ: Եպիսկոպոսը կ՚օրհնէ կայսրը, եւ կայսրն ալ եպիսկոպոսը օրհնեաց, յայտնելով թէ նա իմաստութեամբ գործած է, աւելցնելով իսկ` թէ եւ ես շնորհակալ եմ (ՍԵԲ. 223):

489. ՍԵԲԷՈՍԻ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Քիչ մը մանրամասնօրէն յառաջ բերինք այդ միջադէպը, զոր շատ աւելի երկարօրէն գրած է Սեբէոս իր պատմութեան մէջ, բայց երկարապատում ըլլալով ալ` եպիսկոպոսին անունը չի տար, եւ ով ըլլալը չի յայտներ: Ասիկա մեր կարծիքով անուղղակի յայտնութիւն մըն է, թէ ինքն Սեբէոս Բագրատունեաց եպիսկոպոսն է, առաջ հաղորդութենէ խուսափող եւ ետքէն կայսեր բացատրութիւն տուող, եւ Ներսէսի գաղտնիքը մէջտեղ հանող եպիսկոպոսը: Ոչ միայն որեւէ եպիսկոպոսի մը վրայ այդչափ զբաղիլը շահեկանութիւն մը չունէր, այլեւ գործէն ետքը գովեստի կամ մեղադրութեան բառ մըն ալ իր կողմէ չաւելցնելը, խնդիրին անձնական լինելը կը հաստատէ: Կը մնայ ճշդել, թէ ինչ էր Սեբէոսի համոզումը միաբանութեան կամ հոգեւոր հաղորդակցութեան մասին, եւ թէ ինչ օգուտ կ՚ակնկալէր նա ժողովական գիրին Ներսէսի կողմէ պահուած լինելը մէջտեղ հանելով, որ կայսեր հաճոյանալի գրուած մը չէր: Սեբէոս Ներսէսի վրայ խօսած ատեն, ամենէն խիստ բացատրութիւններով կը ծանրանայ նորա քաղկեդոնիկ միտումներուն վրայ: Վասնզի կը գրէ թէ անդստին Յունաց դպրոցներուն մէջ գտնուած ատենէն հաստատեալ էր զմիտ իւր ի վերայ ժողովոյն Քաղկեդոնի, թէ Հայաստան դառնալէն ետքը գաղտնի կը պահէր զխորհուրդս ամբարշտութեան, թէ նա շարժեաց զճշմարիտ հաւատս սրբոյն Գրիգորի, թէ Հայ Եկեղեցւոյ զսուրբ եւ զվճիտ եւ զականակիտ աղբերացն պղտորեաց զջուրս, եւ թէ Կոստանդինի ներկայութենէն գտեալ ժամանակ, կատարեաց զկամս իւր: Սակայն Ներսէսի կատարած հոգեւոր հաղորդակցութիւնը` Եզրի ըրածէն աւելի ծանր գործողութիւն մը չէր, մանաւանդ որ Ներսէս դաւանական բանաձեւերու ալ մտած չէր, եւ դաւանական յայտարարութիւն կնքած չէր, այլ լոկ արարողական հաղորդակցութիւն մը ըրած էր, որ Հայ Եկեղեցւոյ թոյլատու եւ ներողամիտ հոգւոյն ալ հակառակ չէ: Այսուհանդերձ, ինչպէս տեսանք 465), Սեբէոս Եզրը չէր մեղադրած, մանաւանդ թէ գոված ալ էր, այնչափ որ մեզի իրաւունք տուաւ կասկածելու թէ ինքն ալ Եզրի համախոհ մը եղած ըլլայ: Իսկ այստեղ մոռնալով Եզրի միջադէպը, կը համարձակի յայտարարել թէ մինչեւ Ներսէսի հաղորդակցութիւնը, Հայոց Եկեղեցւոյ դաւանանքը հաստատուն կալեալ էր ամենայն կաթողիկոսացն ի սրբոյն Գրիգորէ մինչեւ ցայսօր (ՍԵԲ. 221): Մինչ եթէ Ներսէսի ըրածը Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքին խրամատ մըն էր, այդ խրամատը կանուխէն բացուած էր Եզրի ձեռքով, եւ Ներսէս զայն կը կրկնէր իր նախորդին օրինակով: Քրիստափորի եւ Վարազտիրոցի եւ Եզրի վրայ խօսած ատեննիս առիթ ունեցանք ըսելու, թէ Սեբէոս իր ժամանակակից դէպքերը պատմած ատեն, բոլորովին ազատ չի տեսնուիր անձնական զգացումներէ, եւ այստեղ ալ Ներսէսի վրայ ըրած մեղադրանքներովը, եւ այդ առթիւ յայտնած գաղափարներովն ալ միեւնոյն կասկածը կը զօրացնէ իր վրայ, եւ մենք պիտի չկարենանք հաւանիլ Սեբէոսի տեսութիւններուն եւ մեղադրանքներուն:

490. ՆԵՐՍԷՍԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ներսէսի զիջողութիւնը անաչառաբար նկատած ատեննիս, պէտք է նախ դիտենք, թէ Կոստանդին կայսր եւ Պիւռոս պատրիարք, որ Հայոց հետ հաղորդակցութիւն կը պահանջէին, յամենայնի եւ ըստ ամենայնի քաղկեդոնիկներ չէին, քանի որ համոզուած ու խստապահանջ միակամեաներ էին, որք Քաղկեդոնի անունը պարտաւորուած ըլլալով պահել Կոստանդնուպոլսոյ երկրորդ ժողովին զօրութեամբ, անոր իսկութիւնը տկարացուցած էին, երկու բնութիւն բացատրութեան քով` մի կամք եւ մի գործողութիւն յաւելուածը դնելով, ինչպէս քանիցս բացատրեցինք: Պիւռոս պատրիարք` Սարգիսի գործակիցն ու յաջորդը, գլուխ էր միակամեայ դաւանութեան, որուն հաւանած էին նաեւ Կիւրոս Աղեքսանդրիոյ եւ Հոնորիոս Հռոմայ հայրապետները: Իսկ Կոստանդին, որ եւ Կոստաս Բ. կայսր, այն է, որ Մարտինոս Հռոմի հայրապետը 653-ին Հռոմէ հանելով Նաքսոս փոխադրեց, անկէ Կոստանդնուպոլիս բերաւ, անկէ ալ Քերսոնեոսն աքսորեց, Հերակլի Էքթէս հրովարտակը դատապարտած ըլլալուն համար, եւ այս կերպով Կոստանդին` Միակամեայց մեծ պաշտպանը կը հանդիսանար: Ըստ այսմ Ներսէս ալ, որ ասոնց հետ հոգեւոր հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէր, երբեք կատարելապէս եւ բացարձակապէս քաղկեդոնական դաւանութեան հետեւող մը չէր ըլլար: Մանաւանդ որ պարզ հոգեւոր հաղորդակցութիւնը, առաջ ալ, այժմ ալ, Հայ Եկեղեցւոյ ներողամիտ սկզբունքին հակառակ չէ, բաւական է որ երեք ժողովները ընդունուին, մնացեալ կէտերու վրայ նա ազատութիւնը կը յարգէ, եւ իբրեւ երկբայական եւ երկրորդական խնդիրներ` անոնց մասին չի կաշկանդեր մասնաւոր եկեղեցիներու կարծիքը: Ներսէս, նախկին զինուորական եւ քաղաքագէտ վարիչ, այդ ուղղութեան կարապետներուն եւ հովանաւորներուն մէջ իրեն յատուկ դիրք կը վայելէ, եւ լայնախոհ տեսութեանց տիպար կրնայ համարուիլ: Նա ինքն էր, որ 648-ի ժողովական թուղթով բուռն կերպով իր եկեղեցւոյն դաւանութիւնը կը պաշտպանէր, եւ նոյնինքն էր` որ Յոյն կայսեր հետ հաղորդակցութենէ չէր քաշուեր: Իսկ եթէ կար մաս մըն ալ, որ այսպիսի հաղորդակցութենէ կը խորշէր, անոր գլխաւոր կասկածն ու վախը, հաղորդակցութենէ սկսելով Յունաց եկեղեցւոյն մէջ ընկղմելու եւ ձուլուելու վտանգն էր: Իրաւ ալ Յոյները իրաւունք կու տային այդ երկիւղին, հաղորդակցութենէ ետքը իրենց սովորութիւնները եւ ծէսերը ու դաւանութիւնն ալ ընդունելու բռնադարտութիւններ գործածելով: Ներսէսի վրայ այդ վտանգը հեռացնելու պարտքը կար, եւ այդ նպատակին ծառայելուն լուսաւոր փաստ է 648-ի ժողովական թուղթը, ուր դաւանութեան հետ ծիսական կէտեր ալ պարզուած եւ պաշտպանուած են 485):

491. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Գալով քաղաքական տեսութեանց` որոնցմով կ՚առաջնորդուէր Ներսէս, եւ որ ժամանակին երկպառակութեանց եւ անհաստատ ընթացքին պատճառ կ՚ըլլար, էականը` յունական եւ արաբական տիրապետութիւններէն մէկուն նախադասութիւն տալու խնդիրն էր: Ներսէս յայտնի ու բացարձակ յունական տիրապետութեան կողմնակից ու պաշտպանն էր: Ոչ միայն իր դաստիարակութեամբ եւ փորձառութեամբ ոչ միայն իր եկեղեցական նկարագիրին ազդեցութեամբ, այլեւ քաղաքական եւ կենցաղական հայեցուածքով ալ կրնար իր միտքին եւ սիրտին մէջ արաբական տիրապետութեան քաջալերող չըլլալ: Արաբիոյ անապատներէն ելած հրոսախումբ մըն էր վերահաս արշաւանքը, ոչ քաղաքական, ոչ ուսումնական, ոչ կենցաղական եւ ոչ ընկերական առաւելութիւն մը չէր փայլեցներ անոնց նկարագիրը, կրօնական մոլեգնութեան հետ աւարառու ասպատակութեան խանդն էր զայն գրգռողը, ոչ մի դիւրութիւն չէր բերեր իրեն հասած տեղերը, ոչ մի բարւոքման երաշխաւորութիւն չէր խոստանար իրեն տիրապետութիւնը: Ներսէս, խոհական միտք եւ քաղաքագէտ անձ, իրաւամբ կրնար խորշիլ իր հայրենիքին մէջ հրաւիրելէ այդ տարրը, եւ քանի որ ընտրութեան համար ուրիշ եզր չկար, բռնադատեալ էր նախադասել յունական տիրապետութիւնը, ուր գոնէ կրօնքի եւ օրէնքի, կառավարութեան եւ զարգացման նախատարրները կը գտնուէին: Ազգն ալ իր ամբողջութեամբ որոշ մէկ միտում չունէր, որ գոնէ անոր ազդեցութեան առջեւ Ներսէս տեղի տար: Ազգը միայն օրը օրին վտանգը զլելու, եւ պարագայից համեմատ ուղղութիւն փոխելու ճամբուն կը հետեւէր: Նախարարները, որ օր մը առաջ Թէոդորոս Ռշտունիի առաջնորդութեամբ եւ Յոյներուն թուլութեան համար Արաբացւոց կողմը կը հակէին, օր մը ետքը Յունական բանակ մը հասնելուն պէս, Արաբացիներէ երես դարձուցին: Ստոյգ է ուրեմն, որ այսպիսի տագնապալի կացութեան մէջ, հեռուէն հեռու դիտելով, եւ ոչ մի կողմը հնար է մեղադրել եւ դատափետել, եւ մենք ոչ յունասէրներու եւ ոչ արաբասէրներու իրաւունք տալու միտք չունինք, միայն կ՚ուզենք բացատրել, թէ հնար չէ Ներսէսի ուղղութեան վրայ անարգանօք խօսիլ, այլ մանաւանդ` պարագաները դիտող, հետեւանքները կշռող, եւ իր հայրենիքին հնարաւոր օգուտը հոգացող միտք մը ճանչնալ նախկին զինուորական կաթողիկոսին վրայ:

492. ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԱՇՈՒԻԼԸ

Ներսէս իր ուղղութեան համոզուած, եւ իր տեսակէտին վրայ հաստատուն, աշխատած էր ամէն միջոցներով, ահով կամ շահով, համոզմամբ կամ ստիպմամբ, յունական տիրապետութեան կարծիքը զօրացնել (ՍԵԲ. 221), յուսալով Կոստանդինի Հայաստան եղած միջոցին, հաստատուն եւ զօրաւոր կացութիւն մը ստեղծել: Դժբախտաբար Ներսէսի ակնկալութիւնները չիրականացան: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ծագած խառնակութիւններ եւ հիւսիսային ժողովուրդներու կողմէ կայսրութեան կեդրոնին վրայ յարձակումներ, Կոստանդինը ստիպեցին հապճեպով ետ դառնալ, Հայաստանի պաշտպանութիւնը եւ կառավարութիւնը յանձնելով Մաւրիանոս զօրավարին, եւ մասամբ յունական ու մասամբ հայագունդ բանակ մըն ալ թողլով անոր ձեռքը: Այս կարգադրութիւնք տեղի կ՚ունենային 652 աշունին: Կոստանդինի հեռանալուն ատենները, Արաբացիք նոր արշաւանքներ կազմեցին դէպի Հայաստան, Յոյները անկէ հալածելու համար, մանաւանդ որ իրենց հետ կապուած Հայեր կը մնային Թէոդորոսի գլխաւորութեամբ: Առաջին անգամ իրենց արշաւանքները մինչեւ Նախիջեւան եւ մինչեւ Դուին մղեցին, բայց երբ ձմեռը սաստկացաւ, եւ Արաբացիք ցուրտին չդիմանալով ետ քաշուեցան, Մաւրիանոս կրցաւ յաջողութիւն ունենալ: Բայց երբ 653-ին գարունը բացուեցաւ, մերձ ի զատիկն մեծ (ՍԵԲ. 224), որ այն տարին Ապրիլ 21-ին կ՚իյնար, Արաբացիք իրենց արշաւանքը նորոգեցին եւ յունական բանակը մինչեւ հիւսիսային գաւառները հալածեցին, Մաւրիանոս Վրաց եւ Տայոց նահանգներուն վրայէն իջաւ Տրապիզոն եւ անկէ փախստական հեռացաւ կայսրութեան ներսերը, Հայաստանը անպաշտպան թողլով Արաբացւոց առջեւ (ՍԵԲ. 233): Ներսէսի ակնկալութիւնք նորէն պարապի ելան, եւ որովհետեւ ինքն յունական կուսակցութեան գլուխ էր կանգնած, եւ Թէոդորոսի եւ համախոհներուն հետ թշնամացած, եւ անոնց հակառակութիւնը հրաւիրած, տեսաւ որ իրեն անհնար պիտի ըլլայ գործերուն մասնակցիլ, ուստի լաւագոյն սեպեց պահ մը ասպարէզը լքել եւ քաշուիլ, եւ թողուլ որ միւս կողմը իր գիտցածին պէս գործէ: Մաւրիանոսի փախած ատեն, ինքն ալ Հայաստանէ հեռացաւ, եւ չուեաց ընդ նմա ի Կոստանդնուպոլիս (ՍԵԲ. 235), յուսալով թերեւս այնտեղ կայսեր հետ նոր կարգադրութիւն մը ընել: Բայց պատիւներէ եւ ընծաներէ աւելի բան մը չգտաւ: Ներսէս յուսախաբ` ստիպուեցաւ Բիւզանդիոնէ ետ դառնալ, եւ առանձնացաւ Տայոց նահանգը հարկաւ իր ծննդավայր Իշխան գիւղը, եւ հոն մնաց վեց տարիի չափ, մինչեւ երկրին կացութիւնը նոր փոփոխութիւն ունեցաւ Թէոդորոս Ռշտունիի մեռնելէն ետքը (ՍԵԲ. 235):

493. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ

Յազկերտ Պարսից վերջին թագաւորը, անգամ մը յաղթուած ու փախստական, այս միջոցին նորէն փորձ մը ըրաւ իր թագաւորութիւնը ձեռք ձգել, արեւելեան գաւառներէ գունդեր հանելով, բայց վերջնականապէս յաղթուեցաւ ու սպաննուեցաւ, եւ 652 տարին Սասանեանց վերջանալուն թուական կ՚ընդունուի շատերէն: Արաբացիք յաղթական, Յոյներ փախստական, Ներսէս յուսահատ, ասպարէզը մնաց Թէոդորոսի ձեռք, որ իր ուղղութեամբ, Արաբացիներու առջեւ գլուխ ծռելէ տարբեր եղանակ չէր գտներ: Այս նպատակով ելաւ անձամբ Դամասկոս գնաց, Մուավիէ զօրավարին հետ տեսնուեցաւ, Հայոց հպատակութիւնը ներկայեց, լաւ կերպով պատուուեցաւ, հանդերձս ոսկեղէնս եւ ոսկեթելս, եւ վառ մի նովին օրինակաւ ընծայ ստացաւ, եւ Հայաստանի ու հիւսիսային կողմերու վրայ մինչեւ ցպահակն Ճորայ` քրիստոնէից գունդերու ընդհանուր հրամանատար անուանուեցաւ, եւ իր փեսային, Համազասպ Մամիկոնեանի համար ալ Հայաստանի վրայ վարչական պաշտօն առաւ, եւ յաջողութեամբ դարձաւ, պայման եդեալ, ածել զերկիրն զայն ի ծառայութիւն (ՍԵԲ. 225): Այդ միջոցին է որ Արաբացիք ծովէն ու ցամաքէն մեծ արշաւանք մը կազմակերպեցին, զի առցեն զԿոստանդնուպոլիս, եւ մինչեւ քաղաքին առջեւը հասան, եւ Յոյներ ամէն կողմէ տկարացած աղօթքի եւ եկեղեցիներուն դիմելէ զատ ճարերնին չմնաց: Նախախնամական յաջողութեամբ ահագին ալեկոծութիւն մը ելաւ, որ վեց օր տեւեց, արաբական տորմիղը փճացուց, եւ ապրեցոյց Աստուած զքաղաքն ի ձեռն աղօթից, որովհետեւ ցամաքային բանակն ալ պարտաւորուեցաւ հեռանալ, եւ զարնելով զարնուելով մինչեւ Ասորիք դարձաւ (ՍԵԲ. 228): Թէոդորոս հիւանդացած Աղթամար քաշուեցաւ, իսկ Հայ նախարարներ, թէ Յունաց եւ թէ Արաբաց բաժիններուն մէջ, Մուշեղի եւ Համազասպի գլխաւորութեամբ, ի մի վայր միաբանեցան, եւ արարին ընդ միմիանս հաշտութիւն, եւ համերաշխութեամբ Յոյներէ բաժնուելով Արաբաց հետ հաշտ ապրելու խորհուրդին հաւանեցան: Սակայն Արաբներն ալ նոր նեղութիւններ հասցուցին Հայերուն վրայ, իրենց հեծեալներն ու գունդերը գաւառներու մէջ ցրուեցին, եւ կարգեցին հարկապահանջս ոսկւոյ եւ արծաթոյ (ՍԵԲ. 229): Այսպէս Արաբացիք ալ կատարելապէս վստահ չէին Հայոց վրայ, որք շարունակ մասնաւոր խլրտումներ կ՚ընէին, բայց յուսահատ կը լռէին, երկու կողմէ ալ զօրաւոր եւ ապահով դիրք մը չգտնելով: Արաբացիք շարունակ պատանդներ կը վերցնէին խլրտող գաւառներէն, եւ կը տանէին զգլխաւոր իշխանս աշխարհին, եւ զկանայս եւ զուստերս եւ դստերս բազմաց (ՍԵԲ. 234), որոնց թիւը մինչեւ 1775 հասաւ (ՅՈՎ. 113): Ասոնց մէջ էին Մուշեղի չորս զաւակները, եւ Համազասպի երեք զաւակներն ու Գրիգոր եղբայրը (ՍԵԲ. 237): Երկիրը կը շարունակէր այդ անորոշ եւ վարանեալ վիճակին մէջ: Համազասպ Մամիկոնեան, որ ունէր զիշխանութիւն Հայոց աշխարհիս, թէպէտ ընթերցասէր եւ ուսումնասէր էր, բայց ընտանեսուն ըլլալով, վարժ եւ կիրթ չէր հրահանգօք զինուորական վարժից, եւ հակառակ Մամիկոնեանց ցեղին աւանդութեան` չէր ալ մտեալ ի ճակատ, եւ ոչ տեսեալ զդէմս թշնամեաց: Երբ մէկ կողմէն կը գրգռուէր կատարեալ զգործ քաջութեան ըստ նախնեացն վարժից (ՍԵԲ. 234), միւս կողմէն պատանդներուն սէրը զինքը կը կասեցնէր, ինչպէս նաեւ Մուշեղը, որ բռնադատեալ հաւանած էր այդ կացութեան: Թէոդորոս Ռշտունի կը ջանար երբեմն համոզմամբ եւ երբեմն բռնութեամբ խլրտող իշխանները համաձայնութեան մէջ պահել, եւ վերջին անգամ նորէն Ասորեստան կ՚երթար Մուավիէի հետ տեսնուելու, որ միշտ այս կողմերուն իշխողն էր, թէպէտ 856-ին Օսման սպաննուած էր, եւ խալիֆայութիւնը կամ ամիրապետութիւնը կը վարէր Ալի, Մուհամմէտի փեսան: Թէոդորոս կը յուսար թերեւս բանակցութեամբ լաւագոյն վիճակ մը ապահովել, սակայն արդէն հիւանդ, ախտը ծանրանալով, արդէն Դամասկոսի մէջ կը մեռնէր, իսկ մարմինը կը փոխադրուէր եւ կ՚ամփոփուէր ի գերեզմանի հարց իւրոց (ՍԵԲ. 234): Թէոդորոս կոչուած է եւս Սահառունի, Ռշտունեաց տէր (ԱՍՈ. 92), որ Սահառունեաց եւ Ռշտունեաց ազգակցութիւնը կը ցուցնէ, եւ մենք քանիցս տեսանք որ Սահառունիներ գործի եւ պաշտօնի վրայ էին, եւ անոր հետեւանքն է որ Թէոդորոս առջեւ ինկած, եւ գրեթէ պարագաներու բերմամբ երկրին գլուխ եղած է: Մենք զինքը գործի վրայ տեսանք Եզրի կաթողիկոսութեան սկիզբներէն, եւ այսպէս 631-էն մինչեւ 658, որ է իր մահուան թուականը, բաւական երկար միջոց մը կրցած է ազդեցութիւն վարել Հայաստանի կացութեան վրայ: Յոյներուն անկայուն կարողութեան եւ կրօնամոլ ուղղութեան վրայ` ներքին համոզում ունենալով, չկրցաւ երբեք անոնց վստահութիւնը` իր քաղաքականութեան հիմնակէտ ընել. Հայերուն ինքնուրոյն կացութիւն մը ստեղծելուն ալ բաւական ոյժ չգտաւ, Արաբացւոց հետ համաձայնութիւնը լաւագոյն սեպեց, բայց յայդմ ալ անոնց կողմէն իր յուսացած ուղիղ դիտումը չգտաւ: Իր ընթացքը կրնայ ներհակընդդէմ քննադատութեանց ենթակայ ըլլալ: Թերեւս իր կենդանութեան` իր ընթացքը չարդարացաւ, բայց առաջիկային պիտի տեսնենք թէ դարձեալ անոր ուղղութիւնը զօրացաւ:

494. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԲԱՑԱԿԱՅ

Հետազննութեան առարկայ է ճշդել, թէ ինչ վիճակ ունէր կաթողիկոսական աթոռը այն վեցամեայ միջոցին, զոր Ներսէս կաթողիկոս անցուց Տայոց առանձնութեան մէջ: Հայրապետանոցին դատարկ մնալը, ինքնահնար ձեւ մը թելադրած է Չամչեանի, տեղապահութիւն մը կազմակերպելու եւ անգոյ անձ մըն ալ տեղապահ նշանակելու: Այն բուռն տենդը, որով վառուած են մեր հռոմէադաւան գրիչները` իրենց եւրոպական ապաստանարաններուն մէջ, Չամչեանը իրենց ռահահորդ ունենալով, զիրենք մղած է Հայոց կաթողիկոսներէն, կամ գոնէ իրենց սիրած անձնաւորութիւններէն հեռացնել հակաքաղկեդոնական եւ հակահռոմէական ձեռնարկները, եւ անոնց պատշաճեցնել իրենց նախասիրած ուղղութիւնը: Այդ բաղձանքն է որ թելադրած է Յովհան Օձնեցի կաթողիկոսէն վերցնել Մանազկերտի ժողովը գումարած ըլլալու, ըստ իրենց, կեղտը, եւ զայն վերագրել ինքնաստեղծ Յովհանի մը, որուն Մանազկերտացի անունն ալ տւած են ժողովին տեղէն առնելով: Ներսէսի բացակայութիւնն ալ յարմար պարագայ սեպելով` այդ միջոցին զետեղած են Յովհան Մանազկերտացին, զայն բարձրացնելով կաթողիկոսական տեղապահութեան, եւ նոյն ժամանակամիջոցին բերելով Մանազկերտի ժողովը (ՉԱՄ. Բ. 351): Այլ ամէն պատմագիրներ, Սեբէոս եւ Պատմաբանը գլուխնին, որ Ներսէսի բացակայութիւնը կը պատմեն, եւ անոր ժամանակակիցներ կամ մերձաւորներ են, երբեք տեղապահ մը գտնուած ըլլալը չեն յիշեր, Յովհանի մը գոյութիւնը չեն գիտեր, ժողով մը գումարուած ըլլալը չեն պատմեր, եւ ոչ մի հեռաւոր ակնարկով տարօրինակ գիւտը չեն արդարացներ: Այդ միջոցին խօսուած Յովհան մը, միայն Մայրագոմեցին է, բայց գիւտին հեղինակը` իր Մանազկերտացին անոր հետ ալ նոյնացնել չէ ուզած: Միւս կողմանէ նկատի առնելով այդ օրերուն Հայաստանի խառնաշփոթ վիճակը, եկեղեցական անկերպարանութիւնը, քաղաքական խռովութիւնները, եւ բոլորովին անկարգ կացութիւնը, միտքի հակառակ ալ կու գայ որ տեղապահ մը կարենայ եկեղեցական ժողով գումարել, դաւանական խնդիրներով զբաղիլ, եւ այն ալ ոչ թէ լոկ ազգային եւ ներքին ժողովով մը, այլ Ասորւոց հետ միանալով եւ համաձայնութեան յանգելով: Աւելցնենք նաեւ որ Յուլիանեանց կամ Երեւութականաց խնդիրը, որ Մանազկերտի ժողովին գլխաւոր նիւթը կը կազմէ, տակաւին Հայաստանի մէջ կարեւորութիւն չէր ստացած, եւ արտաքին շփոթներէ հանդարտելով, այս տեսակ խնդիրներով զբաղելու ատենը չէր: Հետեւաբար Ներսէսի բացակայութեան միջոցը լրացնելու համար մտածուած տեղապահութիւնն ալ, Յովհաննէս Մանազկերտացին ալ, եւ իրեն ժողովն ալ, հիմնապէս մտացածին գիւտերուն կարգը պէտք է դասել:

495. ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Երբոր անհիմն եւ կեղակարծ ենթադրութիւնը կը հեռացնենք, կը մնայ որ եղելութեանց մասին բացատրութիւն մը տանք: Արդ նախապէս պէտք է դիտել, թէ Ներսէս իր ծննդավայր Իշխան գիւղը քաշուելով, ոչ կաթողիկոսութենէ հրաժարեցաւ եւ ոչ պաշտօնը լքեց, որ տեղապահի մը պէտքը զգացուէր: Արդէն Դըւնայ հայրապետանոցը գրեթէ լքուած էր, Զուարթնոց եկեղեցին եւ բնակարանն ալ աւարտած չէր, կաթողիկոսը պարագայից բերմամբ երերուն վիճակ մը ունէր, եւ ոչինչ չէր արգիլեր, որ Տայոց Իշխան գիւղէն ալ կարենար իր հայրապետական իշխանութիւնը վարել: Բաց աստի Ներսէս հայրապետական պաշտօնին եկեղեցական գործերէն չքաշուեցաւ, այլ պարզապէս երկրին քաղաքական գործերուն ղեկավարութենէն ետ կեցաւ: Մեր կաթողիկոսները` ամէն ատեն երկրին քաղաքական վարչութեան մէջ մաս ունէին, արքունեաց մէջ գործօն դեր կը վարէին, ինչպէս Ներսէս Պարթեւի եւ Վրթանէսի օրէն ալ ցուցուցած ենք: Մանաւանդ Հայաստանի երկու բաժիններու եւ երկու պետութիւններու բաշխուելէն ետքը, կաթողիկոսներն էին, որ երկու մասերը քաղաքական եւ արտաքին յարաբերութիւններով իրարու կցելու միջնորդներ էին: Ներսէս Իշխանցին ալ, նախկին զինուորական եւ քաղաքագիտութեան վարժ մարդ, իրեն պարտք էր սեպած երկրին քաղաքական կացութեամբ զբաղիլ, եւ իրեն որոշ եւ յատուկ ուղղութիւնն ունէր, որուն միշտ ալ հետեւած էր: Երբ իր ջանքերը յայտնի ձախողութեան մատնուեցան Կոստանդինի երթալովը եւ Մաւրիանոսի փախչելովը, այն ատեն ստիպուեցաւ ասպարէզը թողուլ, որպէսզի գոնէ հակառակ ուղղութիւն ունեցողներ, որք յաջողութիւն ունենալ կը կարծէին, ազատաբար գործեն: Ներսէս ալ վերջէն վերջը իր ուղղութիւնը փոխեց, բայց այս ատենները դեռ այդ զիջողութեան պատրաստուած չէր: Որովհետեւ իր եւ Թէոդորոսի մէջ տարաձայնութիւնը յայտնի թշնամութեան հասած էր, եւ իրարու մօտենալ անհնար դարձած էր, անոր համար Ներսէս երկուցեալ իմն ի սաստիկ ցասմանէ Ռշտունեաց տեառն (ՅՈՎ. 111), Պոլիս կ՚երթար, եւ այնտեղ ալ չյաջողելով, ասպարէզէ քաշուելէ զատ ուրիշ ճամբայ չունէր, զի իշխանն Ռշտունեաց եւ այլ իշխանքն որ ընդ նմա` անհնարին ցասմամբ գնացեալ էին ի վերայ նորա (ՍԵԲ. 224): Իսկ առձեռն գործերու համար բաւական էր Դուին կամ Վաղարշապատ պաշտօնեայ մը ունենալ, եւ այսպէս մէկու մը գտնուելուն նշանն ալ ունինք: Անաստաս Ակոռեցին, սենեկապետ Ներսիսի կը կոչուի, բառին ընդարձակ եւ պատուաւոր իմաստով, իբր նորա վստահութեան մարդը, որ Ներսէսի մօտն ալ չէր մնար, այլ նորին հրամանաւ շինէր զՍուրբ Գրիգորն, այսինքն Վաղարշապատի Զուարթնոց կաթողիկէն, մինչ էր նա ի Տայս (ՎԱՐ. 70): Անաստաս` որ Վաղարշապատ կը մնար, երբ Ներսէս` Իշխան գիւղը կը գտնուէր, եւ անոր հրամանները կը կատարէր, ամենայն հաւանականութեամբ եկեղեցիին շինութենէն զատ ուրիշ հրամաններ ալ կը կատարէր, եւ պէտք եղածը Ներսէսի կը հաղորդէր, եւ հրահանգները կ՚ընդունէր: Անաստասին Ներսէսէն ետքը կաթողիոկոսանալն ալ նշան մըն է, թէ առաջուց ալ կաթողիկոսարանի գործերուն մէջ գտնուած է: Ուր որ պատմիչներ յստակ կերպով ինչ ինչ պարագաներ չեն յիշեր, մանր ակնարկներ ալ պատմական դատարկները լրացնելու կը ծառայեն:

496. ՆՈՐԷՆ ՅՈՒՆԱՑ ԿՈՂՄԸ

Ներսէսի քաշուիլը դրինք 653-ին Մաւրիանոսի հեռանալէն ետքը, եւ որովհետեւ գրուած է թէ յետ վեցերորդի ամի հալածանացն դարձաւ անդրէն ի տեղիս իւր (ՍԵԲ. 235), ուրեմն Ներսէսի գործի գլուխ դառնալը տեղի ունեցաւ 659-ին սկիզբները: Դառնալուն ալ իբր պատճառ կը ցուցուի, թէ լուաւ զվախճանն Թէոդորոսի եւ զդադարումն Իսմայէլեան ասպատակին (ՅՈՎ. 112): Թէոդորոսի մեռնելով մէջտեղէն կը վերնար Ներսէսի անձնական հակառակորդը: Իսկ Արաբացւոց արշաւանքներուն դադարիլը հետեւանք էր, այն ներքին պատերազմներուն` որով զբաղած էին Ալիի եւ Մուավիէի կուսակցութիւնները, որոնք տեւեցին մինչեւ 661, երբ Ալի եւ որդին Հասան Պարսկաստանի մէջ սպաննուեցան, եւ Մուավիէ խալիֆայութիւնը գրաւեց, եւ Իւմմեան հարստութեան հիմնադիրը եղաւ, իրեն կեդրոն ընտրելով Դամասկոս կամ Շամ քաղաքը: Միեւնոյն ժամանակ Յոյները յաջող դիրք մը ստացած էին իրենց մայրաքաղաքին ազատելէն եւ Արաբացւոց ետ քաշուելէն ետքը 493): Միւս կողմէն Հայերը անհնարին կերպով կը տառապէին Արաբական կեղեքումներէն, որոնք այնչափ աւելի կը սաստկանային, որչափ առտնին պատերազմները կը շարունակէին: Այս կերպով պարագաները կատարելապէս նպաստաւոր էին Ներսէսի ուղղութեան, եւ առիթը չկորսնցնելով վար իջաւ Տայոց լեռներէն, խօսեցաւ, յորդորեց, եւ Հայեր վերջին նեղութեան մէջ լաւ համարեալ զմահ քան զկեանս, ի բաց կացին ի ծառայութենէ Արաբացւոց, եւ հապճեպ բանագնացութիւններով հնազանդեցան ի ծառայութիւն թագաւորին Յունաց: Համաձայնութիւնը գրեթէ կատարեալ եղաւ, վասնզի Աղուանք ու Սիւնիք ալ, որ հին ատեններ Ատրպատականի մարզպանութեան մաս կը կազմէին, եւ կերպով մը Հայաստանէ զատուած էին, անոնք ալ միացան Յունաց հպատակութիւնը ընդունիլ (ՍԵԲ. 237): Կոստանդին կայսր ուրախութեամբ ողջունեց իրեն եղած դիմումը, հաւանեցաւ Հայաստանի պաշտպանութիւնը ստանձնել, եւ Ներսէսի առաջարկութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը կուրապաղատի աստիճանով յանձնեց նոյն Համազասպ Մամիկոնեանի, Թէոդորոսի փեսային, որ նախապէս Արաբացւոց կողմէն Հայաստանի կառավարիչ եղած էր, եւ այժմ Յունաց կողմը կ՚անցնէր (ՍԵԲ. 236): Իսկ Մուշեղ Մամիկոնեան իր չորս զաւակներուն Արաբացւոց մօտ պատանդ լինելը մտածելով, ոչ կարաց ի բաց կալ ի ծառայութենէ նոցա (ՍԵԲ. 237):

497. ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Երեք տարի տեւեց Համազասպի կուրապաղատութիւնը (ՅՈՎ. 114), եւ այդ երեք տարիները համեմատաբար հանդարտութեան տարիներ եղան Հայաստանի համար: Արաբացիներ պարապ չունէին Հայերու եւ Յոյներու հետ զբաղիլ, Յոյներն ալ չէին ուզեր կրօնական խնդիրներով Հայերը իրենցմէ պաղեցնել. արդէն իրենք ալ ներքին պառակտումներով զբաղած էին, ու չէին կրնար արտաքին գործերու մտադրութիւն դարձնել: Ներսէս այդ կացութենէն օգտուեցաւ երկրին նորոգման եւ բարեկարգութեան աշխատելու, հնարաւոր ձեռնարկներն ընելով, եւ առձեռն միջոցներէ օգտուելով: Յատուկ մտադրութիւն դարձուց Զուարթնոց եկեղեցւոյն շինութեան, զոր իւր հայրապետութեան առաջին ժամանակին հիմնարկած էր 479) եւ որ շարունակած էր իւր բացակայութեան ալ Անաստասի ձեռքով 495), բայց աւարտած չէր իւր դարձին ատեն: Մեր կանխաւ տուած նկարագիրէն մի մասը, եւ գլխաւորաբար հայրապետական բնակարանը, շուրջանակի պարիսպը, Քասաղէ բերուած ջուրը, պարտէզները եւ ծառատունկերը` այդ ժամանակ լրացան: Այլեւ կարգեալ կացուցանէր ի նմա ամբոխութիւնս երդսամարդոց, ըստ գրելոյ Պատմաբանին (ՅՈՎ. 113), զոր մենք կ՚իմանանք իբրեւ ուխտաւորներու հիւրանոցներ:

498. ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉԸ

Այդ միջոցին պէտք է դնենք Վարագայ խաչին երեւումը, որ ազգային աւանդութեանց մէջ նշանաւոր տեղ գրաված է, թէպէտ Սեբէոս եւ Պատմաբան զայն չեն յիշատակեր: Ճառընտիրին նշանակած ՃԲ թուականը, որ 653-ին կը պատասխանէ, չի կրնար իբրեւ ճշդուած թուական ընդունուիլ, որովհետեւ նոյնիսկ Ներսէսի փախուստին եւ առանձնանալուն տարին է 492), եւ կաթողիկոսը չէր կրնար այդ միջոցին Վարագ գալ եւ հանդիսական տօնախմբութիւն կատարել, ինչպէս կը պատմուի (ՎՐՔ. ԺԱ. 213), եւ ոչ ալ երկրին շփոթ վիճակին մէջ հնար էր մտադրութիւն դարձնել նոյն տեսիլքին: Մենք կը կարծենք թէ յիշուած թուականին գրչագրութիւնը ուղղելով, պէտք է ՃԹ կարդալ, որ կը սկսի 660 տարւոյ Յունիս 14-ին, եւ կը ձգուի մինչեւ 661 կէսը, որուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց հպատակութիւնը Արաբական իշխանութեան, նոյնիսկ Ներսէսի գործակցութեամբ: Արծրունին ալ Վարագայ յայտնութիւնը կը դնէ յամի ունելութեան Տաճկաց զհայկական աշխարհս (ԱՐԾ. 286): Իսկ Արծրունիին գրելէն 259 տարի առաջ տեղի ունենալուն հաշիւը անորոշ կը մնայ, վասնզի անորոշ է անոր գրած տարին ալ: Գալով երեւումին պատմութեան, ազգային աւանդութիւնը գիտէր, թէ Գայիանէ իր սանին Հռիփսիմէի վիզէն կախած էր բուն Խաչափայտի մասունքը, զմածեալն տէրունական արեամբն (ԽՈՐ. 298), զոր կոյսը մէկտեղ պահեց իր ուղեւորութեան մէջ, բայց վերջին անգամ Վանի մօտ Վարագ եղած ատեննին, վասն կասկածի հալածանաց մասունքը վիզէն հանեց, եւ ծածկեց Վարագի գագաթը, հանդէպ Վանի, ի հարաւակուսէ լերինն, եւ հոն թողուց երբ անկէ Վաղարշապատ կ՚երթային, եւ երկու քահանաները այնտեղ պահպանութեան մնացին: Սակայն քահանաներ այնտեղ կը վախճանին, եւ Խաչափայտին տեղը կը մնայ անծանօթ (ԽՈՐ. 302): Այդ աւանդութիւնը կենդանի պահուած էր Վանի կողմերը, վասնզի Վարագը յաջորդաբար ճգնաւորներու տեղ եղած էր, ուր խրճիթներ ու եկեղեցի ալ շինուած էին: Ասոնց յաջորդներն էին այդ ժամանակին նոյն տեղ ճգնող երկու ընկերներ, Թոդիկ եւ Յովէլ: Ասոնք իրենց հոգեւոր փափաքներուն մէջ շարունակ ալ կ՚աղօթէին Աստուծոյ, որ լերան ծոցը ծածկուած սուրբ գանձը յայտնէ: Վարագ լեռը իրեն գագաթը տափարակ լեռնադաշտ մը ունի, ուր շինուած էր Վերին Վարագի եկեղեցին, եւ անկէ վեր ալ սեպաձեւ քարաժայռներ կը բարձրանան, որ Գալիլիա կը կոչուին: Գիշեր մը որ Թոդիկ եւ Յովէլ աղօթքի էին, յանկարծ կը տեսնեն որ Գալիլիայի գագաթը լուսաւոր տաճար մը կ՚երեւի, 12 սիւներով, եւ հրեշտակային փառաբանութիւններ կը լսուին, սիւներու մէջտեղն ալ կը փայլի լուսասփիւռ խաչի նշան մը, որ քիչ ետքը անկէ կը բաժնուի, եւ օդին մէջէն կու գայ կը հանգչի եկեղեցւոյն սեղանին վրայ: Իրօք ալ երկու ճգնաւորները եկեղեցի կը մտնեն, եւ լուսեղէն Խաչը այնտեղ կը տեսնեն, եւ երկրպագելէ ետքը` կ՚ելլեն, տեսիլք ուրիշներու կը պատմեն, եւ անոնք ալ կը տեսնեն եւ կը վկայեն: Վան քաղաքն ալ ուր կը հասնի, եւ հաւատացեալներ խմբովին Վարագ կու գան, եւ Գալիլիա կը բարձրանան, եւ մինչեւ 12 օր ամենայն ոք կը տեսնէ եւ կը հաստատէ, Գալիլիայի վրայ 12 սիւներով լուսաւոր տաճարին տեսիլքը: Իսկ Խաչափայտի մասունքը շօշափելի կերպով կը տեսնուի եկեղեցւոյ սեղանին վրայ, եւ այն օրէն սկսելով ազգային բարեպաշտութեան նշանաւոր առարկայ կ՚ըլլայ: Ներսէս կաթողիկոսին կը հասնի աւետիսը, եւ ան ալ փութայ Վան գալ եւ Վարագ ելլել, Թէոդորոսի որդի Վարդ Ռշտունի սպարապետին հետ, որ Վարդ Պատրիկ անունով ալ կը յիշուի (ՎՐՔ. ԺԱ. 213): Վարգի անունը կը հաստատէ մեր դրած 660 թուականը, վասնզի 653-ին դեռ Թէոդորոս կենդանի էր, եւ սպարապետն ինքն էր, մինչ Վարդ հօրը մահուընէ ետքը անոր գործը ստանձնեց: Ներսէս կաթողիկոս եղելութիւնը ստուգելէ ետքը, մեծահանդէս տօնախմբութիւն կը կատարէ, եւ Վարագայ Խաչին երեւման յիշատակին տարեկան տօն կը հաստատէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, որ մինչեւ ցայսօր անխափան կը տօնուի: Վարագայ տօնին օրը հաստատուեր է մեհեկան ամսոյ 20-ին, որ թէպէտ Յայսմաւուրքի մէջ Փետրուար 26 կը դրուի (ՅԱՍ. Ա. 96), սակայն հին ու շարժական տոմարի հաշուով, 660-ին հանդիպած է Դեկտեմբեր 30-ին, զոր կրնանք ընդունիլ իբրեւ տեսիլքի օրը: Այժմ տօնը կը կատարուի Խաչի երրորդ Կիրակիին, որ Սեպտեմբեր 25-էն Հոկտեմբեր 1, եօթն օրերուն մէջ կը փոփոխուի:

499. ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վարագայ երեւումին ըլլալիք դիտողութիւններուն առաջինն է, անոր ստուգութիւնը, որ թէպէտ երկու ճգնաւորներու խօսքին վրայ կը հիմնուի, սակայն ընդհանուր եւ աշխարհաքարոզ աւանդութեամբ հաստատուած է, ինչպէս բոլոր նմանօրինակ եղելութիւնները: Կը դիտուի նաեւ թէ արդեօք լոկ երեւոյթ մըն էր լուսաւոր խաչին տեսիլքը, ինչպէս 351 Մայիս 7-ին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած երեւումը, զոր Երեւման Խաչին կը տօնենք, թէ ոչ իրական եւ նիւթական Խաչափայտի կտոր մըն էր երեւցածը: Ինչ ալ կարենայ ըսուիլ տեսիլքին մեկնութեան վրայ, եւ ինչ իմաստ ալ տրուի Սուրբ Նշան կոչման, որով Հայեր սովորեցան անուանել Վարագայ Խաչը, իրական եղելութիւն մըն է, որ Խաչափայտի կտոր մըն էր Վարագայ սուրբ Նշանը, որ Հայոց ազգային բարեպաշտութեան առարկայ եղած է առջի օրէն մինչեւ ցայսօր, եւ որ ցարդ կը պահուի Վանայ մէջ: Հրաշալի երեւմամբ յայտնուած Հռիփսիմէի Խաչափայտը, նախ պահուեցաւ Վերին Վարագի եկեղեցին, քիչ ետքը շինուեցան Ներքին Վարագի մեծ վանքը եւ Ս. Նշանի եկեղեցին, եւ հոն փոխադրուեցաւ Խաչափայտի մասունքը: Իսկ 1021-ին Սենեքերիմ Արծրունի Վասպուրականի թագաւորը, միասին Սեբաստիա փոխադրեց, եւ Ս. Նշան վանք մըն ալ շինեց, բայց 1026-ին նորա մահուընէ ետքը նորէն Ներքին Վարագի եկեղեցին տարուեցաւ: Իսկ 1651-ին Խոշապի բռնապետներ Չոմար եւ Սիւլէյման` վանքին կողոպուտին հետ յափշտակեցին, բայց անոնց արագ եւ չարաչար մահուընէ ետքը, յաջորդնին Իպրահիմ ետ դարձուց 1655-ին, եւ այս անգամ Վանեցիք, ապահովութեան համար քաղաքին Ս. Տիրամայր եկեղեցին դրին, որ այնուհետեւ սկսաւ Ս. Նշան կոչուիլ: Խնդիր է նաեւ թէ ինչպէս կրնար 300-ին բուն Խաչափայտի կտոր մը գտնուիլ Գայիանէի մօտ, մինչ Խաչափայտին գիւտը 327-ին տեղի ունեցաւ Հեղինէ դշխոյի ձեռքով: Այդ բանին մեկնութիւնը կու տայ աւանդութիւն մը, որ կ՚ընդունի, թէ առաքեալներ, եւ յատկապէս Յակոբոս Տեառնեղբայր` Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը, կրցած էր Յիսուսի Խաչափայտէն մաս մը ձեռք անցնել: Ուրիշ աւանդութիւն մըն ալ կայ, թէ Կղոդիոս կայսեր ամուսինը, Պատրոնիկէ դշխոն, որ Յակոբոս Տեառնեղբօր ալ ժամանակակից է, Երուսաղէմ եկած եւ Խաչափայտէն մաս մը ստացած էր, եւ այս կտորէն եղած կ՚ըլլայ Գայիանէի կամ Հռիփսիմէի մասունքն ալ (ԽՈՐ. 298), որ երկար ատեն Վարագայ ժայռերուն մէջ պահուած, եւ վերջապէս հրաշալի կերպով յայտնուած է: Ամէն առթի մէջ, այսչափով գոհ կը մնայ ազգային աւանդական բարեպաշտութիւնը: Հայ Եկեղեցին ալ յատուկ շարականով պատուած է տօնը, որուն հեղինակը յայտնի չէ, բայց Վարագը միայն Հարց շարականին մէջ յիշուած է, երբ Օրհնութիւն շարականին մէջ բնաւ Վարագի ակնարկ չկայ, մինչեւ իսկ Ցնծացաւ Երուսաղէմ խօսքերը կրնան ուղղակի Երուսաղէմի երեւումին վրայ առնուիլ: Տեսիլքին նշանակութեան գալով, խորհրդաւոր էր Խաչին փառաւորութիւնը, երբ Խաչի հակառակորդներուն ձեռքէն ազատուելու զգացումներով կ՚ուրախանային Հայերը, եւ խնդութեամբ կ՚երգէին, Որ ետուր զէն ընդդէմ թշնամւոյն, պահպանեա սովաւ զհաւատացեալս (ՇԱՐ. 513):

500. ԾԻԾԱՌՆԻԿ ԵՒ ՎԱՐՁԻ

Խաչափայտի ուրիշ մասունքի պատմութիւն մըն ալ կա յիշէ Մամիկոնեան իր գիրքին մէջ: Երբոր Հերակլի ատեն Խաչափայտը Հայաստանի ճամբով գերութենէ կը դարձուէր 461), Երիզայի մէջ սպասաւոր մը մաս մը կտրելով փախած ատեն կը բռնուի ու կը գլխատուի, իսկ կտրուած կտորը կը տրուի Յովհաննէս Կեսարիոյ եպիսկոպոսին: Քիչ ետքը Վահան Կամսարական 36000 դահեկանի կը ստանայ զայն նոյն Յովհաննէս եպիսկոպոսէն, եւ Գլակայ Ս. Կարապետին եկեղեցին դարանի մը մէջ կը զետեղէ: Վեց տարի ետքը Գորգ Շատախօս, իշխան Արջուց, Ծիծառնիկ անուն Տարոնցիի մը ձեռօք Խաչափայտը գողնալ կու տայ, եւ Արջք, կամ Սասունի Շատախ գաւառը բերելով, յատուկ շինուած եկեղեցիի մէջ կը պահէ: Ներսէս կաթողիկոս Տարոն կու գայ Խաչափայտի ուխտին, եւ Վահանի հետ Գլակ երթալով զայն իր տեղը չեն գտներ: Եօթնօրեայ սուգէ ետքը, տեսիլքով կ՚իմանան Արջք տարուած ըլլալը, եւ հոն կ՚երթան, Ծիծառնիկը եւ իրեն գողակից լուսարար կրօնաւորը կը պատժեն, Գորգ իշխանէն հարիւր հազար դահեկան տուգանք կ՚առնեն, իսկ Խաչափայտը ետ չեն դարձներ, այլ Արջուց եպիսկոպոսին պահպանութեան կը յանձնեն, Գլակէ աւելի ապահով գտնելով Արջուց բերդը, եւ եօթը քահանաներ կը նշանակեն նոյն Խաչափայտի եկեղեցիին, որ Ծիծեռնայ Ս. Խաչ անունը ստացաւ (ՄԱՄ. 54): Մամիկոնեան Հայ թիւին 130 տարին` իբր եղելութեան թուական կու տայ, որ կը համեմատի 681 տարւոյն, երբ այլեւս Ներսէս չի կրնար կենդանի եղած ըլլալ: Եթէ այստեղ ալ ՃԼ թուականին գրչագրութիւնը ուղղելով ՃԸ կարդանք, յարմարագոյն թուական մը ունեցած կ՚ըլլանք 659-ին, երբ իրօք Ներսէս ամէն կողմ շինութիւններ եւ բարեկարգութիւններ կատարել սկսած էր: Կաթողիկոսներու յաջորդութեան մասին, Մամիկոնեան ճիշդ թիւը տուած է, երբ Ներսէսի համար կ՚ըսէ թէ քսանեւիններորդ էր ի սրբոյն Գրիգորէ (ՄԱՄ. 56), որ ճշդիւ կը պատասխանէ մեր ալ կազմած գաւազանագիրին, եւ կ՚արդարանայ Յովհան Բագարանցին կաթողիկոսաց ցուցակէն դուրս ձգելնիս 389): Ուրիշ Խաչի մասունքի յիշատակ մըն ալ ունինք այդ միջոցին, որ կը պահուի եղեր Շիրակայ Դպրեվանքը, որուն առաջնորդն էր Բարսեղ Ճոն վարդապետը, եւ մասունքն ալ Ճոնեանց Խաչ կը կոչուի եղեր: Արաբական արշաւանքներու ատեն Սարգիս Ճոնեանց վարդապետ` մասունքը Դպրեվանքէն կը հեռացնէ ապահովելու համար, եւ մինչեւ Վրաստան կը տանի, Վարձիոյ վանքը: Դեմետր Վրաց թագաւորի կինը, ուրկութեամբ հիւանդացած, անոր կը դիմէ Տիմոթէոս վարդապետի մը ժամանակ եւ բժշկութիւն կը գտնէ, եւ անկէ ետքը Վրացիք իրենց կը պահեն Վարձիոյ Խաչափայտը եւ Հայերուն չեն դարձներ (ՎԱՐ. 69):

501. ԱՐԱԲԱՑՒՈՅ ԿՈՂՄԸ

Ներսէսի նորէն ողջունած յունական դրութիւնը, եւ իրեն զգացած խնդամիտ գոհունակութիւնը` երկար տեւողութիւն չունեցան, եւ երկիրը նոր փոփոխութիւն կրեց Մուավիէի խալիֆա կամ ամիրապետ հռչակուելէն ետքը 661-ին սկիզբները: Մուավիէ զինուորական ձիրքերու հետ քաղաքագէտի հմտութիւններն ալ կը միացնէր, որով արաբական տիրապետութեան կերպարանը բոլորովին փոփոխեց: Մինչեւ այն ատեն արշաւանքներ եւ ասպատակներ էին անոնց յաղթութիւնները, Մուավիէ կանոնաւոր պետութեան եւ օրինաւոր կառավարութեան ձեւը մտցուց, եւ զօրաւոր կամքով ու ճարտար միջոցներով իրականացուց իր նպատակը: Այստեղ պէտք է նկատել, թէ Մուավիէ խալիֆա հռչակուելէն ալ առաջ, թէ ոչ իրաւապէս, գոնէ իրապէս տէր եւ իշխան էր Ասորիքի եւ շրջակայից մէջ Արաբացւոց երկիրներուն: Օսման մօտ իննսնամեայ ծերունի մըն էր, եւ Ալի հեռաւոր Պարսկաստանի մէջ մնացած էր, Մուավիէի բանակին հրամանատարը ու երկրին ալ կառավարիչն էր, ուստի կանխաւ գործադրել սկսած էր իր նպատակը, զոր լրացուց երբ Ալիին սպանուելովը անհակառակ թագաւորեց, իբր խալիֆա կամ յաջորդ Մուհամմէտի: Այդ միջոցին Համազասպ Մամիկոնեան կը մեռնէր երեք տարի կուրապաղատութիւն վարելէ ետքը, եւ երկրին գլուխ եւ կառավարիչ մը տալու խնդիրը կը բացուէր: Բնական կերպով պէտք էր դիմէին Կոստանդին կայսեր` նոր կուրապաղատ մը անուանել տալու համար, եւ նախարարներ խորհուրդի կը գումարուին Ներսէսի մօտ: Կը քննեն ու կը կշռեն, կը խորհին ու կը վիճին, եւ վերջապէս նախընտրելի կը դատեն, նորէն Յոյներէն հեռանալ եւ Արաբացւոց դառնալ: Մուավիէի բռնած դրութիւնը զիրենք կը քաջալերէ, Յունաց տկարութիւնը եւ կրօնական հալածանքը զիրենք կը թուլցնէ: Վերջապէս Ներսէս կաթողիկոս ալ մանկութենէ յունասէր, կրթութեամբ յունական, եւ քսան տարիէ ի վեր ամենայն պնդութեամբ յունամիտ քաղաքականութիւնը պաշտպանող մը, կեանքին վերջին օրերուն, նա ալ իր համոզումը կը փոխէ, եւ կը հաւանի ամիրապետէն ուզել երկրի նոր կառավարիչը: Այդ որոշման մէջ իր կշիռն ունեցաւ Արաբացւոց վրիժառութեան երկիւղը, որոնք Հայերուն Յունաց կողմը դառնալուն առթիւ 1775 պատանդները 493), սուրէ անցուցած էին միայն 22 հատին խնայելով (ՍԵԲ. 237), եւ նորանոր վտանգներ ալ կը սպառնային (ՂՆԴ. 33): Այդ համաձայնութեան վրայ հայրապետն Ներսէս հանդերձ նախարարօք Հայոց, հայցէ ի Մաւեայ ամիրապետէ որ Հայաստանի իշխան եւ կառավարիչ անուանուի, Գրիգոր Մամիկոնեան (ՅՈՎ. 144), Համազասպի եղբայրը (ԱՍՈ. 100), որ կանուխէն պատանդ տարուած էր Դամասկոս: Մուավիէ լուրջ երեսօք զխնդիրն կատարեալ, կու տայ Գրիգորի իշխանական աստիճանը, եւ առնէ զնա հրամանատար Հայոց (ՅՈՎ. 114), հարկ մըն ալ նշանակելով Հայոց վրայ (ՂՆԴ. 33): Միեւնոյն ժամանակ Փոքր Հայոց կուսակալ Շապուհ նախարարն ալ, իր ուղղութիւնը կը փոխէ եւ Արաբացւոց հպատակութիւնը կ՚ընդունի (ՉԱՄ. Բ. 358):

502. ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ

Հազիւ թէ Ներսէս, երկրին կացութեան ձեւ մը տուած էր, եւ կը յուսար թերեւս այդ կերպով ներքին հանդարտութեան շարունակութիւնը ապահովել, եւ ահա միեւնոյն 661 տարին (63), իր կեանքը կը կնքէ, Զուարթնոց եկեղեցւոյն կից իր կառուցած հայրապետական բնակարանին մէջ: Իր գերեզմանն ալ միեւնոյն տեղը կ՚ըլլայ, այն շիրիմին մէջ` զոր իւրովի իսկ յօրինեալ էր, նոյն եկեղեցւոյ հիւսիսակողմը, որ Լուսաւորիչի փառաւոր անունին արժանաւոր` փառաւոր շինուած մը եղած էր: Քսան տարիներու երկարատեւ պաշտօնավարութիւն ունեցաւ Ներսէս Գ. Իշխանցի, Շինող մականուանեալ, ոչ միակերպ եւ ոչ միօրինակ, այլ տեսակ տեսակ եւ յանկարծական փոփոխութեանց ենթարկուած ժամանակամիջոցի մը մէջ, զոր փոքրիշատէ պարզաբանել ջանացինք, անցումները ճշդելով եւ իւրաքանչիւրին կերպարանը ցուցնելով: Անհնար է չճանչնալ Ներսէսի վրայ թափանցող եւ գործունեայ, լայնախոհ եւ կամքի տէր անձի մը նկարագիրը, եւ իր ազգին եւ իր եկեղեցւոյն զարգացման եւ բարօրութեան համար հոգածու սիրտ մը: Նա ունեցած է իր հաստատուն համոզումները, եւ ջանացած է անոնց իրականացումը յաջողցնել, բայց միանգամայն չէ դժուարացած հնարաւոր զիջողութիւններն ընել, երբ խստապահանջ առիթներ անոնք անհրաժեշտ ցուցուցած են: Կոստանդին կայսրը շոյելով եւ անոր առաջարկած հաղորդակցութեան զիջանելով` վտանգի մը առջեւը առնելը, իր գիւղը քաշուելով` Թէոդորոսի ազատ գործունէութեան ասպարէզը թողուլը, Նախարարներուն համաձայնելով` Մուավիէէ Գրիգոր Մամիկոնեանի հրամանատարութիւնը խնդրելը, զիջողութեան մեծ օրինակներ են: Միւս կողմէն երկրին բարօրութեան համար աշխատանքները, մեծագործ շինութեանց ձեռնարկները, բարեկարգութեան համար ժողովական կանոնները, Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան պաշտպանողական գրուածը, եկեղեցական երգեցողութեանց Ճոնընտիր կարգադրութիւնները, գործունեայ եւ մտացի կարողութեան արդիւնքներ են: Պատմաբանը, որ իր յաջորդներէն է, կը վկայէ թէ երջանիկ եւ հռչակաւոր եւ հոյակապ երեւեալ ի Հայս, ժամանեաց ի հանգիստ անմահական կենացն ի պարս առաքելական դասուց (ՅՈՎ. 114): Սեբէոս նորա մահը յիշատակելու չի հասնիր, թէպէտ գիտէ թէ դարձաւ անդրէն ի տեղիս իւր (ՍԵԲ. 235), ինչպէս նաեւ լուր ունի թէ զօրացաւ Մաւիաս եւ յաղթեաց ամենեցուն, եւ առնէ խաղաղութիւն ընդ ամենեսին (ՍԵԲ. 239), որ ըսել է, թէ 661-ի եղելութեանց տեղեակ է, բայց Ներսէսի մահը չէ իմացած: Որչափ ալ Սեբէոս կծու խօսքեր գրած է անոր մասին 489), եւ համամիտ չէ եղած անոր տեսութեանց, բայց թէ ուրիշ պատմիչներ, եւ թէ վերջին գրողներ առհասարակ` Ներսէսի անձը համակիր աչքով նկատած են: