Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԻՍՐԱՅԷԼ Ա. ՈԹՄՍԵՑԻ

508. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Անունէն աւելի բան մը չեն աւանդեր պատմիչները Անաստասի յաջորդին վրայ: Մենք կը յիշենք թէ Ներսէսի օրով գումարուած, 645 տարւոյ ժողովին մէջ երկու Իսրայէլ եպիսկոպոսներ կային, մէկը Տայոց եւ միւսը Վանանդայ 480), եւ երկուքէն մէկը շատ լաւ կրնայ ըլլալ 667-ին կաթողիկոսական աթոռ բարձրացողը: Միւս կողմէն դիտած ըլլալով թէ Հայոց վիճակներուն եպիսկոպոսները սովորաբար գաւառին բնիկներէն առնուած են, եւ տեսնելով որ Իսրայէլ կաթողիկոսի ծննդավայր կը ցուցուի Ոթմուսը, որ Վանանդ գաւառի գիւղ մըն է, մենք դժուարութիւն չենք գտներ Իսրայէլ Վանանդայ եպիսկոպոսը Իսրայէլ Ոթմսեցի կաթողիկոսին հետ նոյնացնել: Նորա պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը Պատմաբանը 10 տարի ըսած է (ՅՈՎ. 118), եւ շատեր կը կրկնեն նոյն թիւը, եւ մեզմէ առաջիններն ալ նոյնը ընդունած են, թէպէտ կը տեսնենք որ քանի մը ցուցակագիրներ միայն 6 տարի կու տան, որ հաւանաբար գրչագրութեան սխալանաց կը վերագրուի, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ անունին տեղ մը Եղիշէ (ԿԱՆ. 159) եւ Անեցիին մօտ Եղիա գրուած լինելը (ՍԱՄ. 84), մինչ Եղիան աւելի ուշ կաթողիկոս եղած է, ինչպէս Անեցին ալ յիշած է (ՍԱՄ. 85): Այս հաշուով Իսրայէլի կաթողիկոսութիւնը հարկ կ՚ըլլայ դնել 667-ին մինչեւ 677 (64): Իր ժամանակին բնաւ դաւանական խնդիր յուզուած ըլլալուն յիշատակութիւն մը չունինք, որ առիթ ընծայէր մէկ կամ միւս կողմ համաձայնութիւն յայտնելու, եւ կամ Յունաց հետ հաղորդակցութեան առիթ ունենալու: Ուստի ձրի խօսք մը կը գտնենք Սակս ժողովոց գրուածին յայտարարութիւնը Եզրի յաջորդող կաթողիկոսներուն վրայ, ինչպէս Անաստասի վրայ խօսած ատեննիս ալ բացատրեցինք 508): Ինչ որ իբր պատմական եղելութիւն կրնանք ընդունիլ միայն այն է, թէ այդ կաթողիկոսներուն ժամանակ ալ մաս մը վիճակներ, որք Յունաց կայսրութեան ներքեւ կը մնային, յունական ազդեցութիւն ալ կը կրէին, եւ այս ու այն եպիսկոպոսներ, այս ու այն պատճառով բռնադատուած կամ հրապուրուած, դաւանական կամ ծիսական կերպով Յոյներու հետ կը համաձայնէին, եւ անոնց առաջարկութեանց կամակատար կ՚ըլլային: Բայց այսչափով հնար չէ հաստատել, թէ Հայոց Եկեղեցին, որուն կեդրոնն ու կաթողիկոսը յունական տիրապետութենէն դուրս արաբական ազդեցութեան եւ հպատակութեան ներքեւ կը գտնուէին, յունական եկեղեցւոյն դաւանութիւնն ու ծէսերը ընդունած, եւ Հայ Եկեղեցւոյ հնաւանդ դաւանութենէն օտարացած ըլլան:

509. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Քաղաքական եղելութեանց գալով, Իսրայէլի բովանդակ կաթողիկոսութեան ժամանակ ամիրապետ եղած է Մուավիէ, որով նորանոր դիպուածներու առիթներ չեն եղած, եւ մինչեւ վերջը խաղաղական կառավարութեան ոճը շարունակած է: Մուավիէ բոլոր իր ճիգը թափած է ամիրապետութիւնը ընտրողական ձեւէն ժառանգական ձեւի վերածելու, եւ այդ նպատակին արգելք եղողները զսպելու կամ ջնջելու: Այդ կերպով իսլամական իշխանութիւնը, որ Մուհամմէտէ մինչեւ Մուավիէ ընտրեալ խալիֆաներ ունեցած էր, կատարելապէս կրօնական դրութեամբ, Մուավիէով ժառանգական դարձաւ Իւմեանց հարստութեան մէջ, եւ քաղաքական պետութեան ձեւը ստացաւ: Յունաց կողմէն ալ Իսրայէլ նեղուելու առիթ չունեցաւ: Երբոր ինքն պաշտօնի անցաւ Կոստանդին Հերակլեան կամ արտաքիններու գործածական անունով, Կոստաս Բ. կայսրը, թէ Արաբացիներէն եւ թէ Սլաւներէն նեղուած` Կոստանդնուպոլիսը թողած, եւ Հին Հռոմի մէջ հաստատուելու համար Իտալիա անցած էր, բայց այնտեղ ալ Լոնգոբարդացիներու յարձակումներէն վախնալով` Սիկիլիոյ Սիրակուսա քաղաքը շուայտութեանց տուած էր ինքզինքը: Այնտեղ 668-ին Կոստանդին բաղնիքի մէջ սպաննուեցաւ Անդրէաս ծառային ձեռքով, իսկ Մժէժ Գնունի, որ անոր հետ կը գտնուէր իբրեւ զօրապետ, առիթ գտաւ կայսր հռչակուելու: Սակայն սպաննուած կայսեր որդին` Կոստանդին Դ. Պոգոնատ, այսինքն է Մօրուեղ, որ Կոստանդնուպոլիս կը մնար, օրինաւոր ժառանգ ճանչցուեցաւ, եւ կայսրութեան տէր եղաւ: Մժէժն ու անոր կուսակիցներն ալ ձերբակալեց ու սպաննեց, բայց կայսրութիւնը հանդարտութիւն չգտաւ արտաքին թշնամիներուն երեսէն: Արաբացիք 672-ին մինչեւ Կոստանդնուպոլսոյ դուռները հասան, եւ ծովէն ու ցամաքէն եօթը տարի շարունակ մայրաքաղաքին դէմ պատերազմեցան, բայց զայն չկրցան գրաւել, որովհետեւ ամառուան ամիսները յարձակումներ ընելով ձմեռները ետ կը քաշուէին, եւ Յոյներ դիւրութիւն կ՚ունենային իրենց վնասները դարմանել եւ պատրաստութիւնները զօրացնել: Կոստանդին Դ. որ զինուորական կարողութեան տէր անձ մը յայտնուեցաւ, կրցաւ այդ պարագաներէն օգտուիլ եւ վերջնական յաղթութեան յանգիլ, նորէն կայսրութեան սահմանները ընդարձակել եւ անոր ազդեցութիւնը տարածել: Բայց անկէ առաջ Իսրայէլ կաթողիկոս վախճանեցաւ 677-ին, որով նա իր ժամանակին մէջ յունական գործունէութեան հետ շփուելու եւ անոնց բռնադատութիւններէն ալ նեղուելու առիթ չունեցաւ: Հայեր արաբական հովանաւորութեան ներքեւ հանդարտիկ օրեր վայելեցին միջոց մը, եւ Գրիգոր Մամիկոնեան Մեծ-Հայոց եւ Շապուհ նախարար Փոքր-Հայոց մէջ կրցան փոքրիշատէ կանոնաւոր, եւ ժամանակին ներածին չափ աշխարհաշէն իշխանութիւն վարել, մինչեւ որ նորէն բորբոքեցան յունական եւ արաբական մրցակից պատերազմները Հայաստանի վրայ, եւ Հայեր նորէն անտանելի աղէտներու մատնուեցան: Իսրայէլի կաթողիկոսութեան տասնամեայ միջոցը փակելով չենք կրնար ոչ նորա թաղման տեղը ճշդել, եւ ոչ ալ իր անձին ու նկարագիրին վրայ կատարեալ կերպով տեղեկութիւններ աւելցնել: