Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԵՂԻԱ Ա. ԱՐՃԻՇԵՑԻ

544. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Սահակ Միջագետք վախճանեցաւ, Խառան քաղաքը, երբ Հայաստանի վերահաս վտանգը հեռացնելու համար Մուհամմէտ-պին-Ոկբայ զօրավարին կը դիմէր, ըլլայ Դամասկոսէ, ըլլայ Դուինէ երթալով անոր տեսութեան: Անակնկալ մահը կրնար նպատակը պարապի հանել, բայց Սահակի ճարտար մտածումը երկնային Նախախնամութեան հովանաւորութեամբ զօրացած, ցածուց Ոկբայի ցասումը, վտանգը փարատեցաւ, եւ Հայաստանի խաղաղութիւնը ապահովուեցաւ Արաբացի հրամանատարին շնորհած ներումով եւ տուած խոստումով: Նոյնինքն Ոկբայ հրամայեց պատուաւոր յուղարկաւորութիւն կատարել հանգուցեալ հայրապետին մարմինին, որ մեծ հանդիսաւորութեամբ փոխադրուեցաւ Խառանէ մինչեւ Դուին, եւ դրուեցաւ ի տապանի փառաւորապէս (ՂՆԴ. 52): Հարկաւ թաղումը կատարելէն ետքն է որ յաջորդի ընտրութեամբ զբաղեցան, եւ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացուցին Եղիա Բզնունեաց եպիսկոպոսը (ԱՍՈ. 106), որ ծննդեամբ ալ նոյն կողմերէն էր, Աղիովիտ գաւառի Արճէշ աւանէ, որ նոյն անունով կը մնայ մինչեւ ցայսօր: Չենք գիտեր թէ ինչ առաւելութեամբ ստացաւ Եղիա այդ բարձրացումը, բայց դիտելով որ իր ընտրութիւնը կը կատարուէր նոյն միջոցին` որ Հայեր յօժարութեամբ արաբական հպատակութիւն կ՚ընդունէին, եւ տեսնելով որ իր պաշտօնավարութեան միջոցին Արաբներու հանդէպ կատարեալ հաւատարմութեան նշաններ ցոյց տուած է, կրնանք հետեւցնել թէ Եղիա այդ քաղաքականութեան գործունեայ կուսակից մը եղած էր, անդստին Սահակի ժամանակէն, եւ բնական կերպով կաթողիկոսութեան կոչուեցաւ, երբ իր հետեւած ուղղութիւնը կը յաղթանակէր: Ուսումնական զարգացմանը մասին յայտնի նշաններ չունինք, եւ կրնանք ըսել թէ աւելի վարչագէտ քան թէ գրագէտ մը հանդիսացած է: Իր կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը ընդհանրապէս 13 կամ 14 տարի կը տրուի բոլոր պատմագիրներէն, այնպէս որ մէկու մը միայն 3, եւ ուրիշ մէկու մը 23 տարի դնելը, պարզապէս գրչագրական սխալանք կը յայտնուի: Իսկ 13 եւ 14 տարիներու տարբերութիւնն ալ Գ եւ Դ թուատառերու փոխանակութեամբ կը մեկնուի: Արդէն Սահակի մահը դրինք 703-ին, անկէ 14 տարի հաշուելով, եւ ժամանակակցական պարագաներու վրայ հիմնուելով, վերջը կը դնենք 717-ին: Ասողիկի մէջ Հայոց 158-ին եղած կը կարդացուի Եղիայի ընտրութեան թուականը (ԱՍՈ. 154), որ կ՚ըլլայ 709 տարին, սակայն ուրիշ տեղ ալ ՃԾԳ գրուած կայ (ՍԱՄ. 276), որ կ՚ըլլայ 704, եւ այս տարբերութիւնները իրաւունք կու տան մեզի շատ բծախնդրութեամբ չպնդել գրչագիրներու թուատառերուն վրայ:

545. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԻՇԽՈՂՆԵՐԸ

Եղիայի կաթողիկոսութեան սկիզբը Արաբացի վեհապետն էր տակաւին Ապտիւլմելիք, որ երկու տարի ետքը, 705-ին մեռաւ, եւ իրեն յաջորդեց որդին Վալիտ, Վլիթ գրուած մեր պատմագիրներուն մէջ, որ 10 տարի ապրեցաւ, եւ իրեն յաջորդեց 715-ին իր եղբայրը Սիւլէյման, որ սակաւակեաց եղաւ, եւ 717-ին մեռնելով ամիրապետութիւնը անցաւ նորա հօրեղբօրորդւոյն Էօմէր Բ. ի ճիշդ Եղիայի վերջին տարին: Ասոնք էին որոնց հետ գործ ունեցաւ Եղիա կաթողիկոս, քանի որ Հայաստան այլեւս արաբական մարզ եղած էր: Իսկ Բիւզանդական գահին վրայ, ինքնընտիր կայսրներ իրար սպաննելով իրարու կը յաջորդէին: Տիբեր Ափսիմերոս 705-ին տեղի կու տար` քիթը կտրած Յուստինիանոս Բ. ի, որ նորէն կը զօրանար Խազիրներու օգնութեամբ, եւ 711-ին ինքն ալ տեղի կու տար Փիլիպպիկոս Վարդանի: Անաստաս Բ. կը զօրանար 715-ին, Թէոդոաւ Գ. 716-ին, եւ անկէ ետքը 717-ին գահ կը բարձրանար Լեւոն Գ. Իսաւրացին, որ կրցաւ վերջապէս տեւական կերպով թագաւորել: Հայեր ուղղակի յարաբերութիւն չունէին այլեւս Յունական կայսրութեան հետ, բայց ինչ ինչ պարագաներ կրցան Հայերը յորդորել, անցողակի կերպով Յոյներուն կողմը միտելու, թէպէտ առանց տեւողութեան, չկրնալով անոնց կողմէ ակնկալուած օգնութիւնը գտնել:

546. ՈԿԲԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Սահակը պատուող Մուհամմէտ-պինի-Ոկբայ զօրավարին համար Պատմաբանը կ՚ըսէ թէ ընդ կրունկն դարձեալ, դառնայ ի տեղի իւր (Յով. 124), մինչ Ղեւոնդ կը գրէ, թէ Մահմէտ զօրավարն երկրորդ անգամ ելեալ յաշխարհս Հայոց զամս երիս հանդարտեալ դադարէր (ՂՆԴ. 52): Երկրորդ անգամ ըսելը, կրնանք Մուհամմէտ-պինի-Մրուան եւ Մուհամմէտ-պինի-Ոկբայ զօրավարներուն համանուն լինելուն վերագրել, իսկ ելեալ յաշխարհս Հայոց ըսելը կրնանք նոյնացնել ընդ կրունկն դարձեալ բացատրութեան հետ, որովհետեւ ըստ Ղեւոնդի` Դամասկոսէ Հայաստան եկող զօրավարը, ըստ Պատմաբանին` Հայաստանէն ետ կու գար Սահակը դիմաւորելու: Հետեւաբար պատմութեան կարգով Ոկբայ զամս երիս Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը վարէ խաղաղութեամբ, եւ երբեք Վարդանակերտի կոտորածին վրէժը լուծելու չի ձեռնարկեր: Այդ եռամեայ միջոցին է, որ Վալիտ` Ապտիւլմելիքի կը յաջորդէ: Երեք տարիէ ետքն է, որ յանկարծ անագորոյն եւ խուժդուժ վրիժառութեան մը դիմաց կը գտնուինք, ինչպէս են Նախիջեւանի եւ Խրամի նենգաւոր կոտորածները: Այդ յանկարծական փոփոխութեան շարժառիթը կը գտնենք Ղեւոնդի պատմած միջադէպին մէջ: Յուստինիանոս Բ., որ Ափսիմերոսը սպաննելով նորէն գահ բարձրացեր էր, յաւակնութիւն ունեցաւ նորէն դէպի Հայկական գաւառները իր իշխանութիւնը տարածել, եւ նոր արշաւանք մը պատրաստեց դէպի Հայաստան: Հայեր, որոնց գլուխը կը գտնուէր միշտ Սմբատ Բիւրատեան, կը դիտէին որ ինչչափ ալ Ոկբայ հաշտ կը գործէր, սակայն միշտ ընդ ակամբ նայէր նախարարացն Հայոց (ՂՆԴ. 53): Վալիտ ալ, որ իր իշխանութիւնը տարածելու համար, մէկ կողմէն մինչեւ Սպանիա, եւ միւս կողմէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Պուխարա եւ Քաշկար բանակներ կը հասցնէր, տիրապետուած գաւառներն ալ ապահովելու համար, հրահանգ կու տար Ոկբայի, բառնալ յաշխարհէս Հայոց զտոհմ նախարարաց նոցին հեծելովք (ՂՆԴ. 54): Բնական էր որ Հայերուն միտքը միշտ անվստահ ըլլար Արաբացւոց վրայ, ուստի Սմբատ իր հայագունդերով օգնեց Յունական արշաւանքին: Բայց բախտը յաջող չեղաւ, եւ Դրաշպետի ճակատամարտին մէջ, որ Վանանդ գաւառի մէջ մղուեցաւ, Յոյներ Արաբներէ յաղթուեցան եւ ետ քաշուեցան, եւ անգամ մըն ալ վտանգուեցաւ Հայոց վիճակը: Սմբատ եւ իրեն հետ փախչիլ կրցող նախարարներ, սահմանագլուխը անցան իրենցներով, եւ կայսեր հրամանով բնակեցան Եգերացւոց աշխարհին Փոյթ, այժմ Փօթի քաղաքը (ՂՆԴ. 58):

547. ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ԵՒ ԽՐԱՄ

Ոկբայ Յոյները հալածելէ ետքը, սկսաւ Հայերուն վրայ խստանալ անօրինակ անգթութեամբ: Իր հրամանով Կասմ կամ Կաշմ, որ է Քասըմ, Նախիջեւանի կառավարիչը հրաւէրներ ղրկեց գլխաւոր նախարարներուն եւ ասպետներուն, հեծեալներով մէկտեղ իրեն մօտ գալ, կարծել տալով թէ ամիրապետը անյիշաչարութեամբ չ՚ուզեր մտադրութիւն դարձնել իրենց ընթացքին վրայ, եւ արգահատելով կ՚ուզէ զանոնք քաջալերել, եւ Հայ գունդերը անցուցանել ի համարու արքունի, եւ առնուլ հռոգ: Նախարարներ ըստ օրինի պարզամտութեան իւրեանց, սկսան հետզհետէ հրաւէրին պատասխանել, եւ բաւական բազմութիւն հաւաքուեցաւ Նախիջեւան քաղաքը եւ մերձակայ Խրամ աւանը (ՂՆԴ. 56): Քասըմ ճարտար նենգութեամբ կրցաւ եկողները խաբել, եւ զէնքերն ալ առնելով, մէկ մասը համախմբել երկու քաղաքներուն եկեղեցիներուն մէջ, թերեւս հաւատարմութեան երդումի պատրուակով (ՉԱՄ. Բ. 381): Երբոր այսպէս բաւական բազմութիւն մը փակուեցաւ եկեղեցիներուն մէջ, Քասըմ հրաման ըրաւ իրեններուն, որ դուռերը ու պատուհանները ամրացնեն եւ աղիւսով հիւսեն, եւ տանիքը ելլելով կրակ տան: Երբոր փայտակերտ առաստաղները հրկիզեցան, խանձեալ գերաններ եւ հրացեալ կղմինտրներ, սկսան մէջիններուն վրայ թափիլ, որոնք անհնարին տանջանքներով եւ բոցերու մէջ այրելով հոգինին աւանդեցին (ՅՈՎ. 125): Պատմագիրներ Բաբելոնի հնոցը նետուած Երեք Մանուկներուն կը նմանցնեն, այդ խուժդուժ եղելութեան զոհերը, եւ անոնց բերանը կը դնեն Երից Մանկանց օրհնաբանութիւնը, որով միաբան ամենեքեան զօրհնութիւն ի բարձունս վերառաքելով` փոխեցան յաշխարհէս (ՂՆԴ. 57): Ըստ այսմ ճշմարիտ հաւատոյ մարտիրոսներ եղած են Նախիջեւանի եւ Խրամի հրկիզեալ նահատակները, ոչ միայն իրենց քրիստոնէութեան պատճառով էր կրածնին, այլեւ հարկաւ, իսլամական սովորութեան համեմատ, ուրացութեան հրաւիրուած են կրակը տալէն առաջ, եւ անոնց մերժելուն վրայ գործադրուած է աղետալից մահուան սպառնալիքը: Այդ կէտը շատ լաւ յայտնի է Ղեւոնդի վկայելէն, թէ եկեղեցւոյ մէջ փակելէն ետքը, կարգեալ ի վերայ պահապանս, խորհէին թէ որպէս կորուսցեն զնոսա (ՂՆԴ. 56): Նախիջեւանի մէջ այրուածներուն թիւը իբր 800 ըսուած է (ՕՐԲ. Ա. 180), որով երկու եկեղեցիներուն նահատակները հազարէ աւելի եղած պիտի ըլլան, վասնզի ոչ միայն եղերական կոտորած եղած է նախարարաց (ՂՆԴ. 54), այլեւ իրենց հեծելոց, որովհետեւ անկէ ետքը ինքզինքնին ազատ զգացած են այլազգիները յերկիւղէ քաջացն զօրաց (ՅՈՎ. 125): Նախիջեւանի եւ Խրամի նահատակներուն կատարումը, ի դէպ է դնել 707-ին, հաշիւի առնելով Սահակի մահուընէ ետքը անցած երեք խաղաղութեան տարիները 546):

548. ԱՒԵՐԱԾ ԵՒ ԳԵՐՈՒԹԻՒՆ

Բայց այսչափով չվերջացաւ արաբական վրիժառութիւնը: Նախարարներուն գլխաւորները բանտերու եւ անհանդուրժելի խոշտանգումներու մատնուեցան անհնարին տուգանքներ վճարելու համար: Անոնց ալ` որ կրցածնուն չափ վճարումներ կ՚ընէին, երդմամբ խոստացուած ազատութիւնը զլացուելով, նորէն պահանջումները կը կրկնուէին, մինչեւ որ բոլոր պահեստի ունեցածնին ալ տալով կատարելապէս ունայնացեալ կը մնային: Բայց այն ատեն ալ ուրացութեան բռնադատութեանց ներքեւ կը տանջուէին, եւ ոստիկանին պաշտօնեաները զփայտէ կախեալ դատապարտէին զնոսա (ՂՆԴ. 658): Այս կարգին մէջ յանուանէ կը յիշուին, Սմբատ Աշոտեան, Գրիգոր եւ Կորիւն Արծրունիք, Վարազշապուհ Ամատունի եւ եղբայրը, եւ բազում այլք ի նախարարացն Հայոց, զորս չի կրնար պատմիչը մի ըստ միոջէ պատմել, զի բոլորովին անժառանգ առնէին զաշխարհս ի նախարարաց (ՂՆԴ. 58): Կարծես թէ երկրին գլխաւորներուն սպառիլը աւելի կը քաջալերէր Արաբացիները, ուզածնուն պէս աւերել եւ աւարել, գերել եւ գերփել, եւ կողոպուտով ու գերութիւնով երկիրը անապատացնել: Դուինի վրայ աւելի եւս կը զօրանար իրենց թշնամութիւնը, որուն բնակիչները պահ մը մտաբերած էին ինքզինքնին պաշտպանել Սմբատի գլխաւորութեամբ, Եգերաստան փախչելէն առաջ: Արաբական հրոսակը Դուին կը հաւաքէր գերին ու կողոպուտը ոստիկանին տրամադրութեան ներքեւ, եւ անտի ահագին բազմութիւն մը ճամբայ հանելով կը տանէին մինչեւ Դամասկոս: Բայց կ՚երեւի թէ Մուհամմէտ-պին-Ոկբայի գործերը իրենց չափազանցութեամբ եւ անգթութեամբ, նոյնիսկ Վալիտ ամիրապետին հաճոյ չեղան, որ նա ետ կանչուեցաւ, եւ տեղը ղրկուեցաւ Ապտիւլազիզ անուն նոր ոստիկան մը, շինարար եւ հաշտարար հրահանգներով (ՂՆԴ. 59): Այդ Ապտիւլազիզ կը յիշէ եղեր, որ 641 Յունուար 6-ի Դուինի առաջին անգամ Արաբացիներէ գրաւուած օրը 475), ինքն 12 տարեկան տղայ մըն է եղեր, կարմիր սփածանելիով մը միայն ծածկուած, որ նեղ անցքէ մը սողոսկելով պարիսպներուն վրայ կ՚ելնէ, եւ իրեններուն ձայն կու տայ, եւ Արաբացիք պարիսպներուն գրաւումը սկսած կարծելով կը քաջալերուին եւ սաստկապէս կը յարձակին, ներսի գունդերը տեղի կու տան, եւ իրենք քաղաքը կ՚առնեն ու կը կործանեն: Ապտիւլազիզ զուգադիպութեան վրայ զարմանալով կ՚ըսէ եղեր. ի ձեռն իմ եղեւ կործանումն քաղաքիս, եւ ես կան գնեցից զսա (ՂՆԴ. 60): Անոր ոստիկանութեան տարին չճդելու համար որոշ նշաններ չունինք պատմութեանց մէջ, բայց Նախիջեւանի եւ Խրամի արկածներէն ետքը գոնէ տարւոյ մը միջոց պիտի տանք, մինչեւ գերութեան Դամասկոս հասնիլը, ուսկից ետքը տեղի ունեցած է Վալիտի նոր հրամանը: Ղեւոնդ` Սմբատը 6 տարի Փոյթի մէջ բնակած կ՚ըսէ (ՂՆԴ. 58), որով կը հասնինք 712 թուականին, սակայն պէտք չունինք ենթադրել, թէ Սմբատ Ապտիւլազիզի հրաւէրը ընդունածին պէս անմիջապէս դարձած ըլլայ:

549. ՎԱՀԱՆ ԳՈՂԹՆԱՑԻ

Հայաստանէ տարուած գերութեան մէջէն յանուանէ կը յիշատակուի, Վահան անուն տղայ մը (ՅՈՎ. 126), տակաւին չորս տարեկան, որդի Խոսրովու Գողթնեաց նախարարին, որ հարկաւ Նախիջեւանի մէջ սպաննուած նախարարներէն մէկն էր, քանի որ սուրբ ալ կոչուած է (ՍՈՓ. ԺԳ. 10): Վահան Դամասկոս հասնելէն ետքը ուրիշ անտիական տղայոց նման իսլամական հաւատքի մէջ կրթութեան տրուեցաւ, հայրենական Վահան անունը Վահապի փոխուեցաւ, եւ հետզհետէ ուսմանց մէջ յառաջանալով իր հասակակիցներուն մէջ նշանաւոր հանդիսացաւ, եւ իբր արքունի դիւանադպիր ամիրապետութեան մէջ պաշտօնի անցաւ (ՍՈՓ. ԺԳ. 20): Վահան Գողթնացիի նահատակութիւնը իր կարգին պիտի պատմենք եւ առ այժմ այսչափը նշանակել բաւական ըլլայ: Անոր վկայաբանութիւնը առանձինն գրուած մեզի հասած է, ուր Նախիջեւանի եւ Խրամի կոտորածներուն յիշատակն ալ կ՚ըլլայ, եւ թուականներ ալ կը ցուցուին արաբական եւ հայկական տոմարներով, եւ կոտորածին պատասխանատուութիւնը կը թողուի Ապտիւմելիք ամիրապետին վրայ, որով 704-ին կատարուած կ՚ըլլայ այդ եղերական արկածը: Սակայն մենք այդ գրուածին նախադասելի կը համարինք Ղեւոնդ պատմիչի յայտնի վկայութիւնը, որ կոտորածին հրամանը կը վերագրէ Ապտիւլմելիքի յաջորդին եւ կը դնէ զայն յառաջնում ամի իշխանութեան Վալիտի (ՂՆԴ. 54), եւ ըստ այսմ փոփոխել հարկ չենք տեսներ դրած թուականները: Վկայաբանութեան մէջ նշանակուած կը գտնենք եւս, թէ յաւուրս տօնի զատկին գերիները Դուին բերած են, զջերմ աւուրս յարգելանի պահած, եւ յաշնան հասեալ ժամանակ դէպի Ասորիք ճամբայ հանած են (ՍՈՓ. ԺԳ. 19), ինչ որ կրնանք պատշաճեցնել 707 տարւոյն, որուն Զատիկը հանդիպած է Մարտ 27-ին: Նոյն աղբիւրէ կը քաղենք, թէ գերիներուն մէջէն մաս մը արգելարանի մէջ եւ մաս մըն ալ ճամբուն վրայ մեռած են, եւ թէ ճամբայ հանելէ առաջ իւրաքանչիւրին զպարանոցսն կնքէին, եւ թէ տարած ատեննին հրամանով եւ գրով հաշիւ կը բռնէին:

550. ՇՈՒՇԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ

Գերի տարուածներուն մէջն է նաեւ Շուշան Կամսարական, որուն գթութիւնը պատմեցինք Վարդանակերտի պատերազմէն փախստական Արաբացւոց վրայ 528): Կ՚երեւի թէ քանի մը տարիներ բաւական եղած էին անցեալը մոռցնել, որ յատուկ բռնութիւններ ալ գործածուեցան իրեն վրայ, Միջագետքի Խառան քաղաքը, ուր տարուած էր գերութեան բազմութիւն մը: Խիստ բանտարկութիւն, քաղց ու ծարաւ եւ զանազան տանջանքներ չկրցան ընկճել արիասիրտ բամբիշը, որ միշտ հաստատուն մնաց իր հաւատքին վրայ, եւ տանջանքներու ներքեւ վախճանեցաւ Խառանի բանտին մէջ: Որոշ չէ թէ ինչ պատճառով սկսաւ Շուշանի վրայ ուրացութեան բռնադատութիւնը: Թէեւ կրնայ մտածուիլ գեղանի կնոջ մը տիրանալու պատճառը, բայց անհաւանական չէ, որ Արաբացի փախստականներուն վրայ ցուցուցած սէրն ու գութը, իբր իսլամութեան յարած ըլլալու պատրուակ գործածուած, եւ իսլամութենէ ետ դարձողի պէս մահապարտութեան ենթարկուած ըլլայ: Թուական կը ցուցուի Հայոց ՃԾԵ տարին, այլ ի դէպ է Ե եւ Է թուատառերու փոխանակութեամբ ուղղել, եւ 708-ին (ՉԱՄ. Բ. 382), եթէ գերութիւնը 707 աշունին մեկնեցաւ Հայաստանէ: Երբոր Շուշանի նահատակութեան լուրը հասաւ իր եղբօր Գագիկ Կամսարականի, նա աւարտելու վրայ էր Վարդանակերտի յաղթութեան յիշատակին նոյն աւանին մէջ հիմնարկած ուխտի եկեղեցին, եւ մարտիրոսի եղբայր ըլլալու պարծանօք, եկեղեցւոյն նաւակատեաց հանդէսին խառնեց իր վկայուհի քրոջ տօնական յիշատակը: Թերեւս Եղիա կաթողիկոս եղաւ փառաւոր տօնախմբութեան հանդիսադիրը: Շուշան Կամսարականի յիշատակը Ճառընտիրներուն մէջ յիշուած է (ՉԱՄ. Բ. 382), բայց պէտք էր Յայսմաւուրքի անցնէր եւ տօնական ալ ըլլար գթութեամբը օրինակելի, բարեգործական ձեռնարկովը յառաջընթաց 528), եւ մարտիրոսութեամբը փառաւոր տիկնոջ յիշատակը:

551. ԵՂԻԱՅԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Պատմութիւնը կը լռէ Եղիա կաթողիկոսին վրայ, որ պիտի չկարենար անտարբեր դիտող մը ըլլալ այդ քստմնելի եղելութեանց: Վերեւ դիտեցինք, թէ Եղիա իր ընթացքով արաբական մերձաւորութեան համոզեալ կուսակից մը կը յայտնուի, որով թերեւս համամիտ չկրցաւ ըլլալ Սմբատի ձեռնարկին, երբ սա նորէն Յունաց կողմը սկսաւ միտիլ, գործնական դեր մըն ալ առաւ, եւ եղաւ առաջնորդ զօրուն Յունաց (ՂՆԴ. 55): Եղիա կրնար գուշակել ձախող հետեւանքը, որով վերջէն պիտի չկարենար անոնց ըրածը պաշտպանել, բոլոր իր ճիգը թափելով ալ: Բայց Ոկբայ երբեք իր ցասումը չչափաւորեց, եւ Նախիջեւանի եւ Խրամի խուժդուժ հրայրեացը, եւ նախարարաց խոշտանգանքը, եւ բիւրաւոր գերիներու վտարանդի տեղափոխութիւնը, այնպիսի գործեր են, որոնց նմանը հազիւ թէ տեսնուած ըլլան պատմութեան մէջ: Գուցէ Եղիայի կողմէ Վալիտի ուղղուած դիմումներ նշանակութիւն մը ունեցան` ամիրապետին տրամադրութիւնը մեղմելու` եւ Ապտիւլազիզի ոստիկանութիւնը յաջողցնելու, բայց ուր պատմութիւնը յայտնի վկայութիւն մը չի տար, բացարձակապէս պնդել չենք յանդգնիր: Պատմութեան կարգին կը գտնենք եւս թէ Ապտիւլազիզի գալուն վրայ համեմատաբար հանդարտ միջոց մըն է, որ կը սկսի եւ կը շարունակէ անկէ ետքը, արաբական տիրապետութեան եւ հայկական հպատակութեան միջեւ համերաշխ ընթացքով: Այդ նոր կացութեան հեղինակ կրնայ նշանակուիլ Եղիա կաթողիկոս, եւ երկրին շինութեան տեսակէտէն օգտակար նկատուիլ իր բռնած ուղղութիւնը: Շինարար ձեռնարկներուն առաջինը եղաւ Դուին քաղաքի վերանորոգութիւնը, զոր Ապտիւլազիզ գլուխ հանեց իր խոստման համեմատ, հզօրագոյն եւ ընդարձականիստ մեծութեամբ քան զառաջինն, դուռերով եւ դռնափակերով ամրացած, պարիսպներով շրջապատուած, եւ ջրալից փոսերով պաշտպանուած (ՂՆԴ. 60): Հարկաւ հայրապետանոցն ալ, կաթողիկէն ալ, եւ ուրիշ եկեղեցիներն ալ պարտուպատշաճ նորոգութիւններն ստացան Եղիայի հոգածութեամբ:

552. ՍՄԲԱՏԻ ԴԱՌՆԱԼԸ

Ոստիկաններուն մօտ հայ օգնականի մը ներկայութիւնը յիշած ենք արդէն 523): Սմբատ Բագրատունի Բիւրատեանն էր, որ այդ պաշտօնը երկար ատեն վարեց յեղյեղուկ ընթացքով մը, ստէպ Յունաց կողմը անցնելով, եւ յուսախաբ նորէն Արաբացիներուն դառնալով: Սմբատի իշխանութեան տեւողութիւնը 20 տարի նշանակուած է (ՍԱՄ. 84), զոր եթէ հաշուենք առաջին անգամ 695-ին Յունաց կողմէն կուրապաղատ անուանուելէն 521), վերջը կը հասնի 715-ին: Բայց այդ քսան տարիները կանոնաւոր եւ յարատեւ պաշտօնավարութիւն պէտք չէ ըսուին, քանի որ թեթեւօրէն այս ու այն կողմ յարած է, փախուստի ալ պարտաւորուած է, եւ հաւանաբար այդ ամէն պարագաներ միասին հաշուելով, նշանակուած են 20 տարիները, որով Եգերաց երկրէն դառնալէն ետքն ալ իր պաշտօնը շարունակած կ՚ըլլայ: Սմբատ եւ իրեններ փախած էին 706-ին 546), այնտեղ մնացած են 6 տարի (ՂՆԴ. 58), եւ ետ եկած են երբ Ապտիւլազիզ հաստատեցաւ յիշխանութեան, եւ հրովարտակ գրեց` դառնալ յիւրեանցական աշխարհս, եւ վստահեցնելու համար տայր նոցա գիր երդմամբ չափ ըստ սովորութեան իւրեանց: Փոյթ քաղաքը գտնուող նախարարներ, գրեթէ լքուած էին Յունաց կողմէն, եւ ի զուր կը յուսային անոնց օգնութեամբ յաջողութիւն գտնել ու դառնալ: Յուստինիանոս Բ. որչափ եւ ձեռնարկեց կայսրութեան եւ իր թշնամիները ընկճելու, բայց բնաւ համակրութիւն չէր վայելեր բանակին կողմէն եւ ապստամբութիւնը սկսաւ 711-ին, Քիրսոնի դէմ գացող գունդերէն, եւ անոնց ձեռքով հայազգի Վարդան Փիլիպպիկոս կայսր հռչակուեցաւ, եւ Յուստինիանոս փախստական, Նիկոմիդիոյ ծոցին վրայ Դամատրիս, այժմ Տարըճա, գիւղին մէջ սպաննուեցաւ: Այդ միջոցին կը համեմատի Սմբատի եւ ընկերներուն Փոյթէ Հայաստան դառնալը Ապտիւլազիզի խոստումներով: Յոյներուն դէմ ցասումնին յայտնելու համար, Սմբատի մարդիկը չմեկնած աւարի տուին իրենց ասպնջական քաղաքը, եւ եկեղեցիներու գանձերն ու զարդերն ալ յափշտակելով Հայաստան դարձան: Յոյները ուրիշ կերպով վրէժ լուծել չկրնալով, նզովի գիր հրատարակեցին ի վերայ գործողացն ապիրատութեան, որոշեցին ամէն Զատկին նոյնը կարդալ, վասնզի ի տօնին յայնմիկ կատարուած էր յափշտակութիւնն ալ (ՂՆԴ. 56), 712-ին Զատիկը հանդիպած էր Ապրիլ 3-ին: Հարկաւ Ապտիւլազիզի աչքին արաբասէր համակրութեան փաստ նկատուեցաւ, յունական քաղաքին աւարառութիւնը, եւ Սմբատ անհակառակ սկսաւ վարել անոր մօտ իր պատրիկի պաշտօնը, օգտուելով անշուշտ Եղիայի` ոստիկանին մօտ ստացած ազդեցութենէն:

553. ՆԵՐՍԷՍ ԲԱԿՈՒՐ

Այդ միջոցին պէտք է զետեղել Աղուանից մէջ յուզուած քաղկեդոնական խնդիրը, որ Եղիայի կաթողիկոսական գործունէութեան նշանաւորագոյն պարագան է: Աղուանից կաթողիկոսական աթոռին վրայ կը գտնուէր Ներսէս, որ յառաջագոյն Բակուր կը կոչուէր (ԱՍՈ. 104), եւ Ներսէս իր եկեղեցականութեան անունը եղած էր: Ներսէս ի հրապոյրս զինքն բերեալ, սկսաւ յայտնապէս քաղկեդոնիկ դաւանութեան կողմը հակիլ, որուն առջի ժամանակներ ալ Աղուանից մէջ միտումներ յայտնուած 428), իսկ Հայոց կաթողիկոսներու ջանքով խափանուած էին: Ներսէսի նորէն հրապուրուելուն պատճառը կ՚ըլլայ Արաբացւոց կողմէ նեղուելով, Յունաց հովանաւորութիւնն ու պաշտպանութիւնը հրաւիրելու մտադրութիւնը: Ներսէս իրեն օգնական գտաւ տիկին ոմն համաձայնեալ նմա (ՅՈՎ. 126), որուն անունը Սպրամ կը յիշուի, եւ Բակուր կանուխէն իր սիրողն եղած կ՚ըլլայ (ՕՐԲ. Բ. 23), իսկ ուրիշ տեղ Սոփի թագուհի անուն դրուած կը գտնենք (ՉԱՄ. Բ. 564), թէպէտ Աղուանք այն ատեն թագաւորութիւն չունէին, բայց կրնար թագաւորազն տիկին մը եղած ըլլալ: Այս երկուքին ճիգերը գործը հետզհետէ կը զօրացնէին, Կիւրիոնի ձեռքով Վրաց կաթողիկոսութեան ըրածը երկրորդել կը ջանային: Բայց Կիւրիոնի ժամանակ տեղապահը չէր կրցած վերջնական եւ հեղինակաւոր միջոցներու դիմել, եւ տակաւ զօրացած էր բաժանման գործը, իսկ Եղիա օրինակէն խրատուած, եւ կաթողիկոսական իշխանութեամբ ճոխացած, փութաց վտանգին առջեւն առնուլ: Երկիցս եւ երիցս անգամ գրեց Ներսէսին նամակս հաւատոյ աստուածական պատգամօք, բայց օգուտ չունեցաւ: Ոչ Աղուանից կաթողիկոսը եւ ոչ Աղուանից տիկինը իրենց միտքէն չդարձան, այլ իրենց յունասէր քաղաքականութիւնը կը մշակէին, երկրին վրայ յայտնի փորձանք հրաւիրելու վտանգով: Այդ նախատեսութիւնն էր որ Աղուանից ժողովուրդն ալ յուզեց, եւ նախարարք աշխարհին իմացեալք` զեկուցին մեծ հայրապետին Եղիայի: Իսկ Եղիա թէ կրօնական եւ թէ քաղաքական վտանգին առջեւն առնելու համար անհրաժեշտ գտաւ արտաքին իշխանութեան բազուկը հրաւիրել կացութիւնը չվրդովելու համար: Պատմաբանը իմաստութիւն եւ ընդարձակութիւն սրտի կը դատէ Եղիայի բռնած ուղղութիւնը, եւ մենք ալ պիտի չմեղադրենք Եղիան կրօնական խնդիրի մէջ այլազգի եւ այլակրօն քաղաքական միջամտութիւն հրաւիրած ըլլալուն համար: Գործը պարզապէս կրօնական չէր, այլ կրօնական երեւոյթին ներքեւ իսկապէս քաղաքական խնդիր էր, եւ եթէ յունական քաղաքականութեան հետեւելու համար քաղկեդոնիկ դաւանութիւն կը մշակուէր, իրաւացի էր որ հակաքաղկեդոնիկ դաւանութիւնը պաշտպանելու համար արաբական քաղաքականութիւնը մշակուէր: Հայեր եւ Աղուաններ դժուարին փորձերէ անցած էին այդ կրկնակի քաղաքականութեանց յարափոփոխ ուղղութեանց հետեւելով, եւ հազիւ պահ մը շունչ առնելու վրայ էին: Անխոհեմութեան գերագոյնը եղած կ՚ըլլար նորէն տկար Յոյներուն սիրոյն` զօրաւոր Արաբացիները գրգռել: Դեռեւս նոր էին դարձած Սմբատ Բիւրատեան եւ իրեններ, որ իրենց յուսախաբութեամբը համոզուած, հարկաւ պիտի քաջալերէին Եղիայի մտադրութիւնը: Այդ տեսութեանց ամենէն զօրաւոր փաստերէն մին կը նկատենք, որ նոյնիսկ Աղուան նախարարներն են իրենց կաթողիկոսին եւ տիկինին դէմ բողոքելով, Հայոց աթոռին պաշտպանութեան դիմողները (ՅՈՎ. 127):

554. ՆԵՐՍԷՍԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

Պատմաբանը կը գրէ թէ Եղիա գրէ թուղթ առ ամիրապետն Իսմայէլեան Ոմար (ՅՈՎ. 127), մինչ Ասողիկ` Ապտիւլմելիք ամիրապետին անունը կուտայ (ԱՍՈ. 104), սակայն Ապտիւլմելիք 705-ին մեռած էր, եւ Էօմէր 717-ին գահ բարձրացաւ, մինչ Աղուանից խնդիրը 712-է 715 տարիներուն միջոցին ի դէպ է զետեղել, երբ ամիրապետ էր Վալիտ, որ 705-է 715 իշխեց, եւ իրեն յաջորդեց Սիւլէյման 715-է 717: Միւս կողմէ Եղիայի կաթողիկոսութիւնն ալ 717-էն անդին չենք կարող երկարել, հետեւաբար Վալիտի պիտի վերագրենք, ինչ որ Էօմէրի կամ Ապտիւլմելիքի անունով գրուած է: Նորէն կը կրկնենք որ մեր պատմագիրներուն համար նորութիւն չէ, իրենցմէ հեռու գտնուող գործիչներու անունն այլայլել, կամ ժամանակագրութիւնը շփոթել: Նմանապէս պէտք չենք զգար կաթողիկոսին եւ ամիրապետին միջեւ ուղղակի թղթակցութիւն ենթադրել, քանի որ Հայաստան կը գտնուէր Ապտիւլազիզ ոստիկան, ամիրապետին ներկայացուցիչը եւ արաբական ազդեցութեան պաշտպան, խաղաղ կառավարութեան հետապնդող եւ շփոթութեանց մասին հսկող: Երբ Ապտիւլազիզ Եղիայի կամակցութեամբ կը գործէր եւ ամիրապետին կը գրէր, կրնար Եղիա ամիրապետին դիմած ըսուիլ, մանաւանդ եթէ Եղիայի կողմէն պատուիրակներ ալ կ՚երթային Դամասկոս (ՅՈՎ. 128): Իսկ գործը մինչեւ ամիրապետին հանելը, անոր կարեւորութիւն տրուելու նշանն է, կամ թէ կաթողիկոսի ու տիկնոջ վրայ ձեռք դնելու համար յատուկ հրահանգի պէտք զգալնին է: Ներսէս-Բակուրի եւ Սպրամ տիկնոջ վրայ գրուած ամբաստանութիւններն են, թէ հեռացած են ի հնազանդութենէ մեծի տէրութեան ամիրապետին, թէ եկեղեցական աղօթքներուն մէջ զթագաւորն Հոռոմոց քարոզեն. թէ իրենց երկիրը Յունաց հնազանդութեան ներքեւ հնարին դարձուցանել, թէ վտանգ կայ որ յաջողին եւ ի Հոռոմս անձնատուր լինին ի սակս հարկաց եւ յամենայն մասունս գործոց (ՅՈՎ. 127): Այդ պարագաները կը ցուցնեն որ խնդիրը բաւական սուր հանգամանք առած էր, եւ թէ անմիջական խիստ դարմանի պէտքը կը պահանջէր: Ասոր վրայ ամիրապետին կողմէ յատուկ պաշտօնեայ կու գայ, անոր հրամանները կը բերէ, Ներսէս կաթողիկոս եւ Սպրամ տիկին կը ձերբակալուին, եւ կապեալ երկաթի շղթայիւք եւ հեծուցեալ յուղտս ճամբայ կը հանուին դէպի Դամասկոս, իբրեւ քաղաքական յանցաւորներ եւ արաբական տիրապետութեան դէմ դաւադրողներ: Օրբէլեան կը յիշէ եւս, թէ Եղիա կաթողիկոս արքունի հրամանաւ կալեալ զտիկինն եւ զԲակուրն, մերկացուցանէ եւ կապէ ընդ միմեանս, եւ հեծուցեալ յէշ շրջեցուցանէ ընդ փողոցս Պարտաւայ (ՕՐԲ. Բ. 33), որ ճամբայ չհանած ձաղանքի ենթարկել ըսել է: Նոյնիսկ տանելու եղանակն ալ ձաղանքի ձեւ ունէր, եթէ, ինչպէս կը կարդանք, հրամայուած էր զնա եւ զկինն կապել ի միասին զոտսն, եւ արկանել զուղտով որպէս զբեռն (ԿԻՐ. 99), որով իրարու հետ սիրահարներ եղած ըլլալնին կը նշաւակուէր: Թէպէտ ոմանք կը յիշեն թէ Ներսէս եւ Սպրամ ամիրապետէն ազատ արձակուած ըլլան, սակայն շատեր կը վկայեն, թէ Ներսէս Դամասկոս հասնելէն ութն օր յետոյ վախճանած է ի նեղսրտութիւն անկեալ (ԿԻՐ. 99), ինչ որ կ՚ակնարկէ Օրբէլեանի գրելուն, թէ անսւաղ լեալ Բակուր աւուրս ութ, մեռանի (ՕՐԲ. Բ. 23): Անցողաբար դիտենք այստեղ, թէ Եղիայի բերնէն ամիրապետին ուղղուած խօսքերուն մէջ կը կարդանք, թէ միշտ զանսան քո յիշատակեալ քարոզեմք յաղօթս մեր (ՅՈՎ. 127): Ծիսական աղօթքներուն մէջ թագաւորին յանուանէ յիշատակութիւնը կը հաստատուի Ռուբինեանց ժամանակի գրչագիրներէն, սակայն չենք կարծեր թէ այս խօսքերը ծիսական աղօթքներուն վրայ իմացուին, այլ թէ Արեւելցիներու սովորական դարձած` միշտ աղօթող ըլլալու բացատրութիւնն է, որ կրկնուի:

555. ԵՂԻԱ ԵՒ ԱՂՈՒԱՆՔ

Երբոր Ներսէս-Բակուր հեռացաւ, Եղիա Աղուանից երկիրը կը գտնուէր, եւ չմեկնած ուզեց անոնց գործերը կարգադրել, եւ ժողովուրդին մէջ յուզուած դաւանական գայթակղութիւնը վերցնել: Գործը շատ դժուար չէր, վասնզի երկրին նախարարները համախոհ չէին Ներսէսի ընթացքին, ժողովուրդն ալ իր նախարարներուն կ՚անսար: Եղիա ժողով գումարեց Պարտաւ քաղաքը, Աղուանից աթոռանիստը, եւ առաջին գործն եղաւ նոր կաթողիկոս մը ընտրել եւ օծել (ԱՍՈ. 104), որ եղեւ Սիմէոն (ՏԱԹ. 545), եւ յետոյ նոյն ժողովի ձեռքով թէ ուղղափառ դաւանութեան հաստատութիւնը ամրացնել, եւ թէ բարեկարգական կէտեր կանոնագրել: Ժողովին կանոններուն մասին մանրամասն յիշատակութիւն չունինք, միայն կանոնագիրքին մէջ կը գտնէնք Սիմէոնի բերնով կանոնական նիւթերու ամփոփում մը, իբրեւ բարեկարգական հրահանգ (ԿԱՆ. 152), եւ ուրիշ կողմէն ալ վկայուած կը գտնենք, թէ տէր Սիմէոն, ի ձեռն տէր Եղիայի, մեծահանդէս ժողովմամբ պայծառացոյց զեկեղեցի կանոնական հաստատութեամբ (ՏԱԹ. 545): Եղիա Աղուանից գործերը կարգադրելով դարձաւ իր աթոռը: Այդ եղելութեանց իբր հաւանական թուական կրնանք ընդունիլ 713 տարին, որ կ՚իյնայ Փիլիպպոսի կայսրութեան եւ Վալիտի ամիրապետութեան ատենը:

556. ԴԱՒԱՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Այդ միջոցին կը պատշաճեցնենք Եղիայի մի ուրիշ նախանձայուզութեան գործը: Անանիա Շիրակացիի աշակերտութենէն Հերմոն եւ Տրդատ եւ Ազարիա եւ Եզէկիէլ եւ Կիրակոս վարդապետներ, իրենց ուսուցչին օրինակէն քաջալերուած, եւ յունական ուսմանց փափաքով Երուսաղէմ կ՚երթան, սակայն հետզհետէ միտուընին ալ փոխելով քաղկեդոնիկ երկաբնակ վարդապետութեան կը հաւանին, եւ Հայաստան դարձած ատեննին նոյն դրութիւնը կը ջանան պաշտպանել: Անանիա զանոնք իրմէ կը մերժէ, իսկ ասոնք կը սկսին նոյնիսկ Անանիայի դէմ խօսիլ եւ զայն իբր մոլորեալ անարգել (ՍԱՄ. 85): Եղիա կը լսէ, եւ նախանձայոյզ ու կտրուկ ընթացքը ձեռք կ՚առնէ, որով յիշեալ հինգ վարդապետները չեն կրնար իրենց կարծիքը Հայաստանի մէջ տարածել, կը լռեն կամ կը հեռանան: Այդ միջադէպն ալ շատ յստակ եւ շատ ստոյգ կերպով կը ցուցնէ, թէ ինչ էր Եղիայի դաւանութիւնը, եւ ինչ նորա ըմբռնումը քաղկեդոնիկ երկաբնակութեան մասին, որով ինքնին կը հերքուի Սակս ժողովոց գրութեան անհիմն յայտարարութիւնը, թէ Եղիա ալ մին եղած ըլլայ այն կաթողիկոսներէն, որք հնազանդեալք կ՚ըսուին խոստովանութեան Քաղկեդոնի անիծելոյ (ԹՂԹ. 222): Արդէն Եղիայի նախորդներուն նկատմամբ ալ ցուցուցինք այդ ամբաստանութեան անհիմն ըլլալը, որով ամբողջաբար հերքուած կ՚ըլլայ այն տարադէպ կարծիքը որ Հայոց Եկեղեցին, կամ Հայ Եկեղեցւոյ կաթողիկոսները, Եզրէն մինչեւ Եղիա, մերձաւորաբար դար մը, քաղկեդոնիկ դաւանութեան ներքեւ ապրած ըլլան:

556. ՄԱՀՆ ՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Եղիայի կաթողիկոսութեան մնացեալ տարիները առանց նոր միջադէպի անցան, եւ խաղաղութեամբ կնքեց նա իր կեանքը, իբր 14 տարի պաշտօնավարելէ ետքը, 717 թուականին, որ տարին կայսերական աթոռին կը բարձրանար Լեւոն Գ. Իսաւրացին, Անաստաս Բ. ի եւ Թէոդոս Գ. ի վաղանցուկ գահակալութիւններէն ետքը: Իսկ ամիրապետութեան կ՚անցնէր Էօմէր Բ., Սիւլէյմանի սակաւօրեայ իշխանութենէն ետքը: Եղիայի յիշատակը շատ հռչակ ունեցած չէ մեր կաթողիկոսներուն շարքին, բայց արդարութիւնը կը պահանջէ որ պատմութիւնը աննշանակ չթողու նորա արդիւնաւոր անունը: Երկու գլխաւոր կէտեր մտադրութեան արժանի կ՚ընծայեն Եղիայի գործունէութիւնը: Առաջինը քաղաքական է, որով իրականացուց այն գաղափարը, զոր Ձորոփորեցին յղացաւ, եւ մահուամբը նուիրագործեց, բայց գործադրելու չհասաւ, այն է Յունաց հետ յարաբերութիւնները խզել, որք ոչ զօրութեամբ կը պաշտպանէին, եւ ոչ կրօնից ազատութիւնը կը յարգէին, եւ անկեղծաբար արաբական հպատակութեան յարիլ, որոնք զօրութեամբ յաղթող էին, եւ կառավարութեամբ ալ խաղաղ կացութիւն մը կը յուսադրէին, թէպէտ երբեմն կասկածի առիթ տուող միջադէպներ կը հանդիպէին: Եղիա այդ դրութիւնը իրականացուց, նոյն իսկ մեծ արգելքներու յաղթելով, ինչպէս եղան Դրաշպետի անխոհեմ շարժումը Հայոց կողմէն, Նախիջեւանի ու Խրամի անգութ վրէժխնդրութիւնը Արաբացւոց կողմէն, եւ Ներսէս-Բակուրի վտանգաւոր ընթացքը Աղուանից մէջ: Հակառակ այդ երեք ծանր պատահարներուն, որ կը սպառնային ամէն ակնկալութիւն ի դերեւ հանել, Եղիա կրցաւ նորէն կացութիւնը ամոքել, եւ Ապտիւլազիզի ոստիկանութեան ներքեւ տանելի դրութիւն մը հայթայթել երկրին եւ եկեղեցւոյն: Եղիայի երկրորդ արդիւնաւորութիւնն է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան պաշտպանութիւնը, զոր ուժգնակի արտայայտեց Աղուանից խնդիրին առթիւ եւ քաղկեդոնիկ վարդապետներուն դէմ: Իր կաթողիկոսութեան միջոցին Հայաստանի մէջ կը գործէին նաեւ Մայրագոմեցի Երեւութականները, եւ Պաւղիկեան աղանդաւորները, որոնք սակայն կարող չեղան մեծ յուզումներ պատճառել Եղիայի ատեն: Արճիշեցի կաթողիկոսը, թէպէտ ուղղակի բան մը չրաւ այդ հերձուածներուն դէմ, սակայն թոյլ ալ չտուաւ որ համարձակօրէն գործեն եւ խիղճեր յուզեն:

557. ՊԱՒՂԻԿԵԱՆՑ ԱՂԱՆԴԸ

Մայրագոմեցի Երեւութականներուն մասին համառօտ տեղեկութիւն տուած ենք արդէն 539), քանի մը խօսք ալ Պաւղիկեանց մասին աւելցնենք, ոչ թէ անոնց ծագման եւ վարդապետութեանց վրայ կատարեալ տեղեկութիւն տալու դիտմամբ, այլ Հայոց հետ ունեցած յարաբերութիւննին ցուցնելու համար: Պաւղիկեանց ծագումը, կը բարձրանայ մինչեւ հին Բորբորիտոնները կամ Մծղեաները 207), եւ իրաւամբ կոչուած են նախկին մծղնէութեան պայղակենութեան խեշերանք (ՕՁՆ. 39): Իսկ Մծղեաներն ալ Մեսսալլեանց եւ Մանիքեցւոց հետ կը կապուին, եւ անոնց սերմն է, որ դարէ դար տարբեր անուններով ապրեցաւ, եւ տարօրինակ աղանդաւորներու շարք մը երեւան հանեց: Եօթներորդ դարու մէջ Հայաստանի մէջ աւելի զօրացան, այնպէս որ Պաւղիկեանութիւնը ուղղակի Հայերէ ծագում առած աղանդ մը կարծողներ եղան, եւ Պաւղոս կամ Պօղոս անուն հայ եկեղեցական մը անոնց աղանդապետ նշանակեցին: Ուրիշներ Պօղոս առաքեալի անունը վրանին առած կը կարծեն, կամ Պօղոս Սամոստացիէ սկսած կ՚ենթադրեն: Մենք այդ հետազօտութիւնները մեր նպատակէն դուրս կը նկատենք, եւ միայն կ՚ընդունինք թէ Է. դարուն մէջ զօրացած ու կեդրոնացած էին, եւ իսլամական պաշտպանութեամբ քաջալերուած: Անունով քրիստոնէութեան ճիւղ մը նկատուած էին, բայց հազիւ թէ քրիստոնէութեան էական նշաններ ունէին: Երկարմատեան մազդեզական սկզբունք կ՚ընդունէին, սատանային պատիւ կ՚ընծայէին, արեւի եւ լուսինի պաշտօն կը մատուցանէին, աշխարհքը ու մարմինը իբրեւ չար սկզբունքի գործ կը նկատէին, արտաքին պաշտամունքը կը մերժէին, Խաչն ու Աստուածածինը կ՚անարգէին, եկեղեցի եւ իշխանութիւն չէին ճանչնար, եւ ընդհակառակն շատ մը չարքաշ սովորութիւններ կը գործադրէին, հազարումէկ աւելորդապաշտ ձեւեր եւ կերպեր ունէին, ինչպէս էր միածին մանկիկ մը ձեռքէ ձեռք նետելով մեռցնել, այդ միածինին վրայ երդնուլ, անոր արիւնով զանգուած խմորեղէններ պատրաստել եւ ուտել, եւ անոր մահուամբ աղանդապետ որոշել: Ուրիշ կէտ մըն ալ, որ այդ աղանդաւորներուն յատկանիշը կրնայ նկատուիլ, մոլեգին կատաղութիւնն էր, որով ամէն տեսակ բռնութիւններ, սպանութիւններ, ըմբոստութիւններ, մինչեւ իսկ ապստամբութիւններ իբր գովելի արարք կը գործուէին իրենց աղանդը պաշտպանելու, եւ իրենց հակառակորդներուն դիմադրելու համար: Ասկէ յառաջ կու գար, որ իրենց կրօնական զեղծումները իբր հանրային ոճիրներ կը նկատուէին, եւ օրինական խստութեամբ եւ մինչեւ իսկ զինու զօրութեամբ անոնք զսպելու հարկ կը տեսնուէր: Ինչպէս Է. դարէն առաջ Հայաստանի Բորբորիտոններ եւ Մծղեաներ` Պաւղիկեանց նախորդներն էին, նոյնպէս ալ հետագայ դարերուն մէջ Կաշմեցիք, Խնունցիք, Թոնդրակեցիք, Արեւորդիք, եւ այլ նմանօրինակ աղանդաւորներ` նոյներուն յաջորդները եղան ինչ ինչ փոփոխութիւններով, եւ մինչեւ իսկ վերջին դարերու Եէզիտիք, նոյներուն սերունդը կը նկատուին: Իններորոդ դարու մէջ կայսերական հալածանքներու ենթարկուեցան, եւ Տեփրիկէի կոտորածէն ետքը դէպի արեւմուտք ալ ցրուեցան, եւ իրենցմէ ծագում առին, Պուլկարիոյ Բոգորիտները եւ Եւրոպայի Ալբիգեանները: