Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԴԱՒԻԹ Ա. ԱՐԱՄՈՆԵՑԻ

581. ՊԱՇՏՕՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Օձնեցիին յաջորդութեան կոչուեցաւ Դաւիթ, Կոտայք գաւառի Արամոնք գիւղէն, Երեւանի մօտերը, որուն ոչ նախընթացը գիտենք, եւ ոչ ալ առաջուց ուր տեղի եպիսկոպոս եղած ըլլալը: Տրդատի ժամանակէն կաթողիկոսարանի կալուած եղող գիւղերէն մին եղած է Արամոնքը (ՅՈՎ. 133), որուն այդ առթիւ յիշուիլը` կրնայ մեկնուիլ իբր նշանակ Դաւիթի տղայութենէ կաթողիկոսարանի մէջ մեծցած եւ յառաջացած ըլլալուն: Իր վրայ ոչ յատուկ գովեստ մը կը գտնենք գրուած, եւ ոչ յայտնի ստգտանք, որով մենք ալ իր մասին աւելի որոշ կարծիք մը չենք կրնար յայտնել: Իր կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը հաստատապէս 13 տարի ցուցուած է պատմագիրներէն, մէկ երկուքը միայն 12 կը դնեն կամ 12 ու կէս, որով յայտնի կ՚ըլլայ թէ 13-րդ տարւոյն ընթացքին մէջ վախճանած է: Արդէն ամէն տարեթիւերու մէջ այդ ենթադրութիւնը պէտք է ընել, վասնզի հնար չէ ճիշդ լրացեալ տարիներով տեւողութիւններ գտնել: Ըստ այսմ Դաւիթի ընտրութիւնը 728-ին դնելով, վախճանը պիտի նշանակենք 741-ին: Ժամանակակցական հաշիւներով Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը կ՚երկարի մինչեւ Հեշամ ամիրապետի վերջին տարիները, իսկ Լեւոն Իսաւրացի կայսեր ճիշդ վերջին տարին, որով այդ կողմէ մեծ փոփոխութեանց հանդիպած չէ: Հայաստանի ոստիկանը այլեւս Վալիտ չի կրնար ըլլալ 559), վասնզի Ղեւոնդ կը յիշէ, թէ Հեշամի առաջին տարին, որ կ՚ըլլայ 725-ին, Հերթ անուն զօրավար մը ղրկուեցաւ աշխարհագիր առնել ընդ աշխարհս Հայոց (ՂՆԴ. 130), որուն բուն ոստիկան` այսինքն կուսակալ եղած ըլլալը չի հետեւիր, եւ կրնանք տակաւին Վալիտի ոստիկանութիւնը շարունակուած ըսել: Բայց քիչ ետքը կու գայ Սաիտ զօրավար (ՎԵՐ. 343), մերիններէն Սէթ-Հարաշ կոչուած, իբր Խազիրներու դէմ պատերազմին հրամանատար (ՂՆԴ. 131), որ սովորաբար ոստիկանութեան պաշտօնին հետ կապուած գործ մըն էր: Իսկ անոր ետեւէն կը հասնի Մսլիմ կամ Միւսլէմա, Հեշամի եղբայրը, իբրեւ գերագոյն իշխան մը (ՎԵՐ. 342): Մսլիմ, Հայաստանի մէջ մնացած է, 729-էն սկսելով մինչեւ 731, երբ Հեշամ դժգոհ Մսլիմի Խազիրները վերջնապէս չնուաճելէն, զայն ետ կը կանչէ, եւ Հայաստանի ոստիկանութեան կը յղէ Մրուանպին-Մուհամմէտ զօրավարը, որ նախապէս ալ Հայաստանի կուսակալ եղած կ՚ըսուի (ՎԵՐ. 343), առանց ճշդելու թէ երբ: Ղեւոնդ Մրուանը իբրեւ Սաիտի կամ Սէթի յաջորդ կը նշանակէ (ՂՆԴ. 143), որով Մսլիմ լոկ զինուորական հրամանատար մը եղած կ՚ըլլայ, եւ Սաիտ ոստիկանութիւնը վարող, իսկ Մրուան երկու պաշտօններն ալ միանգամայն ստանձնող: Խազիրներու յարձակումները եւ ասպատակութիւնները բաւական նեղութիւն պատճառեցին Արաբացի գունդերուն, եւ մեծ վնասներ հասցուցին Հայաստանի բոլոր գաւառներուն, մինչեւ Զարեւանդի հարաւային կողմերը (ՂՆԴ. 131): Թէպէտ Արաբացի բանակը, Հայ գունդերով ալ զօրացած, մերթընդմերթ յաղթութիւններ կը տանէր, սակայն Խազիրներ նոր գունդերով նոր գարուններուն իրենց ասպատակութիւնները կը նորոգէին: Այս շփոթներու մէջ անցան Դաւիթի առաջին տարիները:

582. ԱՇՈՏ ՊԱՏՐԻԿ

Մրուան հազիւ թէ գործի գլուխ անցած, պէտք զգաց Հայոց հետ յարաբերութիւնները քաղցրացնել. Դուինի մէջ հաւաքեց բոլոր նախարարները, եւ անոնց հետ խօսեցաւ բանիւք խաղաղութեան, եւ Աշոտ Վասակեան Բագրատունին բազում պատուով պատուելով, տուաւ անոր իշխանութիւն պատրկութեան ի վերայ աշխարհիս Հայոց, հրամանաւ Հեշմա ամիրապետի (ՂՆԴ. 143): Մենք տեսանք արդէն Աշոտը կանուխէն պատրիկութեան պաշտօնի կոչուած 559), որով այս անգամուան անուանումը նորոգութիւն մըն է այն պաշտօնին, քանի որ մէջտեղը ուրիշ մըն ալ յիշուած չկայ: Խազիրներու յարձակմանց մէջ գուցէ Արաբացիք Հայոց կամակցութեան վրայ կասկածեցան, եւ Սաիտ ու Մսլիմ գէշ աչքով նայեցան անոնց վրայ, եւ թերեւս կամայական կարգադրութիւններ ալ ըրին, որ այս անգամ Մրուան` Հեշամի նոր հրահանգներովը կու գայ Հայոց հետ յարաբերութիւնները անուշցնել, պատրիկի դիրքը բարձրացնել, եւ նախարարներուն սիրտը շահիլ: Բայց նորէն Հայ նախարարներուն նախանձոտ անմիաբանութեան նշանները երեւան կու գան: Գրիգոր եւ Դաւիթ Մամիկոնեան եղբայրներ եւ Սմբատի որդիներ, կը մախանան Աշոտին վրայ, զի մեծացաւ անձն նորա յաչս Հեշմայ եւ զօրավարին Մրուանոյ, ուստի խեռութեամբ կէին ընդ նմա, դժուարութիւններ կը հանէին անոր դէմ, եւ գժտութիւններ կը սերմանէին նախարարներուն մէջ: Մրուան, կացութիւնը հանդարտելու համար, կարճ եղանակ սեպեց, Գրիգորն ու Դաւիթը ձերբակալել, անոնց մասին ամբաստանութիւն մըն ալ գրելով, թէ հակառակք եւ խազմարարք են իշխանութեան, յղեց Դամասկոս` ամիրապետին, եւ նա ալ ղրկեց Էման անապատը, իբրեւ մշտնջենական աքսոր (ՂՆԴ. 143): Էմանը հարկաւ Ասորիքի սահմանակից անապատներուն մի մասն է: Միւս կողմէն Մրուան չսպասեց Խազիրներուն յարձակելուն, այլ ինքն կանխեց, եւ մէկտեղ առնելով զիշխանն Աշոտ հանդերձ նախարարօքն եւ նոցին հեծելովք, յարձակեցաւ Խազիրներու կամ Հոներու երկիրը, ամէն կողմ ասպատակեց, անոնց մայրաքաղաքն ալ գրաւեց, եւ զանոնք հաշտութիւն ուզելու եւ մէյ մըն ալ չյարձակելու պարտաւորելով, մեծաւ յաղթութեամբ եւ մեծաւ աւարաւ ետ դարձաւ: Աղուանից Պարտաւ քաղաքը հանգստանալու համար կեցաւ, եւ աւարէն ու գերիներէն առաջ ամիրապետին բաժինը հանեց հնգեակս հաշուով, երեւի հինգէն մէկը, մնացեալէն ալ տայր մասն Աշոտոյ եւ այլոց պատուաւոր նախարարցն, թէ աւարէն ինչքեր, եւ թէ գերութենէն ծառայս եւ աղախնայս (ՂՆԴ. 145):

583. ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

Այս միջոցին կը յիշուի Աշոտ պատրիկին Դամասկոս երթալը, թէ ամիրապետին այցելելու, եւ թէ քանի մը խնդիրներ կարգադրելու: Ասոնց մէջ գլխաւոր կէտ մըն էր Հայոց հեծեալներու տրուած տարեկան թոշակը, որ խածիթա է կոչուած, եւ տարեկան հարիւր հազար դահեկանի կը հասնէր, (ՎԱՐ. 74), եւ հարկաւ մեծ թեթեւութիւն կը բերէր վճարուելիք հարկին վրայ: Երեք տարիէ ի վեր այդ վճարումը խափանուած էր (ՂՆԴ. 144), ինչ որ կը հաստատէ մեր վերի դիտողութիւնը, թէ Խազիրներու ասպատակութեանց տարիներուն Հայոց վրայ կասկածով կը նայուէր 582): Յարմարագոյն է Աշոտի այցելութիւնը, Խազիրներու վրայ տարուած յաղթութենէն ետքը դնել, Հայերուն կողմէ հաւատարիմ ծառայութեան շօշափելի նշան մը տալէն ետքը, որով մեծ եւ սիրալիր ընդունելութիւն գտաւ Աշոտ ամիրապետին կողմէն, եւ ամբողջապէս ստացաւ երեք տարիներու խափանուած խածիթաները, տարեկան 100, 000 դահեկանի հաշուով: Առաջին անգամ Էօմէր մեծարած եւ պատուասիրած էր Հայոց պատրիարքը 562), այս անգամ ալ Հեշամ կը մեծարէր եւ կը պատուասիրէր Հայոց պատրիկը, ուզելով ամրապնդել Հայոց դէպ առ Արաբացիս հաւատարիմ հպատակութիւնը: Խածիթաներուն ոչ միայն խափանուածները տրուեցան, այլ եւ անկէ ետքը անխափան վճարուեցան տարեկանները (ՂՆԴ. 144): Մրուանի ոստիկանութիւը 731-ին դնելով, 732 ամառուան տեղի ունեցած կ՚ըլլայ Խազիրներու վրայ յարձակումը, եւ նոյն տարւոյ աշունին կը մնայ Աշոտի Դամասկոս երթալը: Այս միջոցին Մրուան ալ իր կողմէն ամէն ջանք ըրաւ Հայաստանի մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու, եւ տանելի կացոնթիւն մը պատրաստելու Հայերուն: Պատմիչը կը վկայէ, թէ խաղաղացոյց զամենայն յարձակմունս բռնութեան եւ զգործողս անիրաւութեան, զաւազակսն եւ զգողսն եւ զթշնամիսն բարեկարգութեան ծայրակոտոր արարեալ ոտիւք եւ ձեռօք, փայտիւ դատապարտէր ի մահ (ՂՆԴ. 145): Հարկաւ այդ խստութիւնները ոչ թէ Հայոց, այլ գլխաւորաբար Արաբացի գաղթականներու եւ զինուորականներու վրայ կը տարածուէին, զի անոնք էին աւազակներն ու գողերը, եւ մանաւանդ բարեկարգութեան թշնամիները:

584. ԱՐԱՄՈՆՔԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆՈՑԸ

Ինչ ալ եղած ըլլայ Մրուանի բարեկարգիչ ջանքերուն արդիւնքը, Դաւիթ կաթողիկոս չկրցաւ հաշտուիլ աթոռանիստ Դուինի մէջ կերպաւորուած նոր կեանքին, եւ Արաբացի եւ այլ ազգէ իսլամներուն խռնուելէն յառաջ եկած անկարգութիւններուն: Այս պատճառով նա թողուց Դուին քաղաքը եւ քաշուեցաւ իր հայրենական Արամոնք գիւղը, որ հազիւ քանի մը ժամ հեռու էր Դուինէն, եւ հոն հաստատեց իր սովորական բնակութիւնը, օգտուելով Արամոնքին կաթողիկոսարանի կալուած ըլլալու պարագայէն: Պատմաբանը կը գրէ, թէ ի բնակչոց հեթանոսաց ի Դուին քաղաքի յոյժ տաղտկացեալ լինէր, եւ թէ բազում չար ոճիրք զնա նեղեցին: Իսկ Արամոնքը կաթողիկոսարանի փոխակերպած ատեն, պէտք զգաց նոյն գիւղին մէջ գեղեցկայարմար յարդարմամբ եկեղեցի մը շինել, եւ եկեղեցւոյն շուրջը տուն բնակութեան վայելուչ իմն յարմարեալ աւելցնել, եւ իր կեանքին մնացորդը այնտեղ անցընել (ՅՈՎ. 134): Այս առաջին օրինակը չէ, որ Հայոց կաթողիկոսները ինքզինքնին պարտաւոր չեն զգար հաստատուն բնակութեամբ աթոռանիստ քաղաքին մէջ մնալ: Ոչ միայն կաթողիկոսարանը պաշտօնապէս Վաղարշապատէ Դուին տարին, այլեւ շատեր իրենց գիւղերուն մէջ նորէն եկեղեցիներ եւ բնակարաններ շինեցին, եւ կեանքերնուն մի մասը կամ մեծ մասը այն տեղերը կ՚անցընէին հաստատուն կերպով: Այս ալ հետեւանք պէտք է սեպել, Հայոց կաթողիկոսներուն երբեք աթոռանիստ քաղաքի մը անունով չյիշուելուն, ինչպէս կ՚ընեն ուրիշ ազգաց պատրիարքները, որովհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի անունով` իրաւունք կը ստանային հայաբնակութեան ամէն մի կէտը իրենց պաշտօնական աթոռանիստ նկատել: Հայոց եպիսկոպոսներ ալ ոչ թէ քաղաքի, այլ միշտ գաւառի անունով կոչուած են, եւ նոյն սկզբունքով իրենց վիճակին ամէն կողմերը իրենց աթոռանիստ նկատած են: Դաւիթ կաթողիկոսին դառնալով, իրեն գործունէութենէն յիշատակուած կէտեր չգտնելով, իր օրով կատարուած եղելութիւնները պիտի պատմենք:

585. ՎԱՀԱՆԻ ՓՆՏՌՈՒԻԼԸ

Վահան Գողթնացիի կեանքէն պատմեցինք Հայաստան դառնալը, եւ քրիստոնէութեամբ այնտեղ հաստատուիլը 580): Օձնեցիին օրուան հանդարտ կայութիւնը եւ Դաւիթի առաջին տարիներուն ասպատակի եւ պատերազմի շփոթները, Վահանը ամէն մտադրութենէ հեռու պահեցին, եւ կրցաւ խաղաղիկ ապրիլ Գողթնի մէջ, ապաշխարողի կեանք վարելով, եւ իր ակամայ ուրացութեան վրայ ապաշաւելով, եւ զայն քաւելու աշխատելով: Ամուսնական կեանքն ալ կ՚երեւի թէ խստակրօն ճգնողութեան ենթարկած էր, որովհետեւ զաւակ ունեցած ըլլալը գրուած չէ: Բայց հնար չէր որ ի սպառ ծածուկ կարենար մնալ իր անձն ու գործը: Ամիրապետական արքունիքէն գացած ու չդարձած Վահապը հարկաւ պիտի փնտռուէր, ինչպէս ալ եղաւ, եւ ստուգուեցաւ, եւ լուր տրուեցաւ ամիրապետին, թէ դարձաւ ի քրիստոսական հաւատսն եւ արհամարհեաց զօրէնն իւրեանց: Թէպէտ Հեշամ քրիստոնէութիւնը հալածող չէր եղած, ինչպէս իր նախորդ Եէզիտը, սակայն իսլամական օրէնքով, իսլամութենէ ետ դառնալը արգիլուած եւ գլխապարտութեան ոճիր նկատուած էր, ուստի Հեշամ պարտաւոր էր փնտռել տալ, եւ իրօք ալ նորին հրամանաւ յուզէին զնա (ՍՈՓ. ԺԳ. 73): Վահանի հալածանաց սկիզբը իր նահատակութենէն հինգ տարի առաջ հաշուուած է (ՍՈՓ. ԺԴ. 77): Նահատակութեան թուականն ալ 737-ին ճշդուած լինելով, զինքն փնտռելու հրամանը կ՚իյնայ 732-ին, ճիշդ Հայաստանի խաղաղած տարին: Պէտք չէ սակայն մտադրութենէ վրիպեցնել, որ Վահան հինգ տարի աստանդական եւ հալածական պտտելով հանդերձ, իր ետեւէն պնդող խնդրակներ, կամ իրենները նեղի դնող պաշտօնեաներ չեն յիշուիր, որով թէ Հեշամ ամիրապետ եւ թէ Մրուան ոստիկան կրօնամոլ եռանդով հետապնդողներ չեն երեւիր: Զինքը փնտռելու հրամանն ալ, Վահան մտերմական տեղեկութիւններէն իմացած պիտի ըլլայ, վասնզի ոչ ընդհանրապէս ամէն կողմ եւ ոչ մասնաւորապէս իրենները, այդ մասին տեղեկութիւն չեն ունեցած: Հազիւ թէ Վահան շատոցն ի վեր ունեցած կասկածին (ՍՈՓ. ԺԳ. 71) իրականանացած ըլլալը կը լսէ, միտքը կը դնէ լռելեայն խոյս տալ: Գաղտնիքը մէկու մը չի յայտներ, բաւական դրամական թոշակ եւ պիտոյք կը պատրաստէ, եւ իբր Գողթնեաց իշխան 20 ալ հեծեալ հանելով, ճամբայ կ՚ելլէ դէպի յունական սահմանագլուխը: Իրեն յանկարծ մեկնիլը տնեցոց մէջ շփոթութիւն կը թողու, կինը մէջտեղ կ՚իյնայ, իր եղբայրներուն Սիւնեաց նախարարներուն լուր կը ղրկէ, եւ ամէնքը մէկէն փնտռելու կ՚ելլեն, եւ Վայոցձոր գաւառի մէջ կը յաջողին ետեւէն հասնիլ, եւ աղաչելով եւ թախանձելով զինքը ետ կը դարձնեն, եւ Սիւնեաց քաղաքը կը բերեն (ՍՈՓ. ԺԳ. 72):

586. ՎԱՀԱՆԻ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ

Այնտեղ աներանց տունը, Վահանի եւ կնոջ եւ խնամիներուն մէջ խօսակցութիւններ եւ թախանձանքներ կը շարունակեն, մինչեւ որ Վահան զիւր ծածուկսն յայտնի առնէր, իր փնտռուած լինելը կ՚իմացնէր, եւ փախչելու ու քաշուելու պէտքը կը զգացնէր: Յայտնութիւնը ամէնքը կը շփոթէր, տիրաշարժ կանացիքն զողբս մտացն արտասուօք ցուցանէին, լացուկոծ կը բարձրանայ ու կը սկսին վախնալ, թէ գուցէ դու ի մէնջ խնդրեսցիս, ուստի կը պնդէն` ընդ քեզ գամք ի գալ եւ ի մեռանիլ (ՍՈՓ. ԺԳ. 25): Բայց Վահանի դժուար էր կին հետեւորդներով թափառական շրջիլ, ուստի կը հաւանեցնէր որ զինքն ազատ թողուն` իրեն համար միայն մտածել, ուստի զկինն թողեալ առ ընտանիս իւր (ՍՈՓ. ԺԳ. 72), ինքն կը մեկնէր յաշխարհն Վրաց, որպէսզի այն կողմերը գտնուող նախարարազուն ազգականներուն օգնութեամբ հնարեսցի յառաջ եդեալ ճանապարհն (ՍՈՓ. ԺԳ. 26): Վահան այն կողմերը կը մնայ զտարւոյ միոյ աւելի կամ պակաս ժամանակ, եւ յարմար կերպ մը չկարենալով որոշել, կամ թէ ատեն անցնելով ձայները մարած կարծելով, ետ կը դառնայ, եւ Արագածոտն գաւառի Յովհաննավանքը կ՚ապաւինի իրեն հետեւորդներով (ՅԱՅ. 474), 733 ամառուան ամիսները: Ճամբայ ելած ատենը առած թոշակը սպառած էր, հետեւորդ զինուորները չէր կրնար վճարել, եւ անոնք զինքը կը թողուն եւ կը մեկնին. միայն կը մնար մարդ մի, զոր ունէր յիւր սիրողացն, բայց նա ալ կը փոխուի ու կը պահանջէ Վահանի երիվարն ու սուրը, սպառնալով, թէ ոչ մատնեմ զքեզ խնդրողաց արեանդ քո: Վահան անոնք ալ կու տայ, եւ կը մնայ անոք եւ անօգնական եւ ամէն միջոցներէ զուրկ (ՍՈՓ. ԺԳ. 29): Թէպէտ լքման եւ կարօտութեան վիճակի մատնուած, եւ յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած, սակայն մարդկային զգուշութիւններն ալ չէր անարգեր, այլ այլակերպէր զինքն ձեւով աղքատութեան (ՍՈՓ. ԺԳ. 73), եւ ինչ ընելիքը որոշելու համար զիշխանն եւ զկաթողիկոսն խորհրդակից առնէր (ՍՈՓ. ԺԳ. 27): Կաթողիկոսը Դաւիթն է, իսկ իշխանը Աշոտը, որոնց օգնութեան կը դիմէ Վահան, չճանչցուելու համար աղքատի կերպարանի ներքեւ մտած: Կաթողիկոսի տեսութեան համար յատկապէս ի Վաղարշապատ քաղաք գացած լինելը կը շեշտուի (ՍՈՓ. ԺԳ. 28, 73), մինչ անոր աթոռանիստը Դուին էր, եւ բնակավայրը Արամոնք. երեւի թէ Վահան օգտուած է տօնական առիթով մը Դաւիթի Էջմիածնի կաթողիկէին եկած ըլլալէն: Այս անգամ կաթողիկոսին ալ ծանուցանէր զփորձանս զոր կրէր (ՍՈՓ. ԺԳ. 73), սակայն ոչ մի օգնութիւն կամ պաշտպանութիւն չէր գտներ, այլ միայն չոր ու ցամաք հրաման մը. Երթ, գնա յանապատ ուրեք, զի մի այլոց վնաս առնիցես (ՍՈՓ. ԺԳ. 28): Եթէ կաթողիկոսը` քրիստոնէից վերակացուն այսպէս կը վարուէր, հարկաւ Աշոտ պատրիկն ալ` աւելի պաշտպանութիւն մը ցուցուցած չէ:

587. ՎԱՀԱՆԻ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐԸ

Անգամ մը եւս կը ծանրանայ Վահանի վիճակը: Վերահաս ձմեռը կ՚անցնէ Արագածոտնի վանքը, եւ երբ 734-ին գարունը կը բացուի, կը մտադրէ անապատ մը երթալ անծանօթ կերպով: Հանդիպմամբ հասանէր այր մի գրաստով, եւ անոր կը դիմէր ըսելով. Տար զիս յանապատ ուրեք: Մարդը գրաստի վարձքը կը պահանջէ, եւ Վահան ուրիշ բան մը չունենալով, կը հանէ կու տայ մատանի մի ոսկի զվաւերականն իւր (ՍՈՓ. ԺԳ. 28), որ պէտք է ըլլայ իր պաշտօնական կնիքը: Այս կերպով կը հասնէր ի մենաւորանոցս ուրեմն ի Շիրակ գաւառ (ՍՈՓ. ԺԳ. 73), երբ մօտ լինէին աւուրք մեծի զատկին, որ 734-ին կ՚իյնար Մարտ 28-ին: Վանքին անունը տրուած չէ, բայց Շիրակի մէջ իբր անապատ ճանչցուած էր Խնծկոնից վանքը: Վահան այնտեղ դադարէր ամիսս վեց, կատարեալ ճգնաւորական կեանքով, սակայն ով ըլլալը ի սպառ ծածուկ չէր մնար, եւ լուր կը տրուէր իշխանակնոջ ուրումն մօտաւորի, որ երկիւղ արկանէր կրօնաւորացն, եւ ազդարարութիւն կը ղրկէր անոնց, որ երթիցէ գնասցէ ի ձէնջ, զի մի անձինն եւ ձեզ լիցի պատճառ կորստեան (ՍՈՓ. ԺԳ. 29): Վահան կը համակերպի եւ կ՚երթայ յանապատ յանյայտաւոր եւ սակաւամարդ տեղիս (ՍՈՓ. ԺԳ. 30), ուր ճգնէր ամ մի միով հանդերձիւ եւ բոկոտն (ՍՈՓ. ԺԳ. 74): Վանքը Թեղենեաց ուխտն էր, Նիգ գաւառի մէջ (ՅԱՅ. 475), իսկ տարին 734 աշունէն մինչեւ 735 աշուն: Այդ միջոցին Վահան կրկին եւ կրկին կը մտածէր իր վիճակին վրայ, որ անհաստատ եւ անորոշ բան մըն էր, եւ կտրուկ ելք մը տալու միտքը կը յղանար: Ինքն քրիստոնեայ էր ծնած, իսլամութիւնը կամքով ընդունած չէր, ամէն բան անգիտութեան մը հետեւանք էր, ուստի իրաւունք ունէր առանց դժուարութեան իր քրիստոնէութիւնը շարունակել: Կը վստահի թէ այս պատճառաբանութեամբ եւ ամիրապետին դուռը ունեցած իր բարեկամներով կրնայ իր դատը պաշտպանել, ուստի կ՚որոշէ գնալ ի դուռն արքունի, որպէսզի համարձակութիւն առցէ ունել զքրիստոնէութեան կարգն եւ զհաւատսն, զոր ծանեաւ եւ դարձավ: Իսկ եթէ երբեք չյաջողի, չէր վարաներ հաւատքին համար կեանքն ալ զոհել (ՍՈՓ. ԺԳ. 75): Թեղենեաց վանքին ճգնաւորներուն աղօթքը խնդրելով կը մեկնի, եւ 735 աշունին կու գայ նորէն Արագածոտնի Յովհաննավանքը (ՅԱՅ. 475), որ իր ծանօթ տեղն էր, եւ ուստից կրնար իր ուղեւորութեան պէտքերը ստանալ: Այնտեղ կ՚անցընէ 735-էն 736 ձմեռը, որպէսզի ճամբորդելու եղանակը հասնի: Այլեւս մէջտեղ ելած էր Վահանի միտքը, եւ էին ոմանք որ արգելուին զնա թողանալ ի խորհրդոցն: Բայց Վահան ամուր էր իր միտքին վրայ, որով Յովհաննէս վարդապետ, առաջնորդ ուխտին, պարտաւորուեցաւ պէտք եղածը հոգալ, գրաստ եւ վերարկու, հարկաւ դրամ եւ պաշար ալ, եւ ոմն ի մանկագունից եղբարց` ի սպասաւորութիւն: Յովհաննավանքէ մեկնումը, պիտի դնենք 736 ամառուան, որով կը լրացնէր Վահան ամս չորս` որ հանապազ նեղութեամբ շրջեալ եղեւ (ՍՈՓ. ԺԳ. 32), եւ դէպի ուղիղ կ՚երթար Մաքենոցաց վանքը, որուն առաջնորդն էր Սողոմոն վարդապետ, զոր Մանազկերտի ժողովին առթիւ յիշեցինք 573): Մինչեւ հիմա որոշ շրջանակի մը մէջ կը մնար Վահան, վասնզի Արագածոտն, Նիգ եւ Շիրակ գաւառներ իրարու մերձաւոր են, մինչ Մաքենացւոց վանքը, Սիւնեաց Գեղարքունի գաւառին մէջ է, այս շրջանակէն եւ Դամասկոսի ուղեգիծէն ալ դուրս, որով իրեններուն հետ վերջին տեսութեան եւ անոնց ալ իր մտադրութիւնը հաղորդելու համար գացած կ՚ըլլայ այն կողմերը: Մաքենոցաց վանքին մէջ Վահան հաղորդէր մարմնոյ եւ արեան Տեառն ի տօնի սուրբ Խաչին (ՍՈՓ. ԺԳ. 76), որ է ըսել 736 Սեպտեմբեր 16-ին, եւ Սողոմոն առաջնորդէն պատշաճ խրատներ եւ գիր քաջալերութեան, եւ հանդերձ մի ի պատճառս թոշակի ընդունելով, ճամբայ կ՚ելլէր, եւ կը հասնէր Բզնունեաց գաւառը, Արծկէի մօտ, Երաշխաւոր վանքը, յոտն Մասեաց (ՍՈՓ. ԺԳ. 34), ոչ Արարատի, այլ Սիփանի ստորոտը, որուն առաջնորդն էր Արտաւազդ վարդապետ, միեւնոյնը, որ ետքը նահատակութեան պատմութիւնն է գրած (ՍՈՓ. ԺԳ. 55): Երաշխաւորի առաջնորդը իր միաբաններուն հետ մեծ ընդունելութիւն ըրաւ Վահանի, լուաւ ի նմանէ զամենայն ինչ եւ զփորձանս, որինչ միանգամ կրեաց հալածանս ամս չորս, եւ ի հինգերորդ ամի երթալն իւր, պահեց զայն աւուրս երիս, պատրաստեաց նմա զճանապարհին զպէտսն, եւ ընկեր տուաւ ինքն ալ զմի ոմն յեղբարցն սպասաւորել նմա որչափ կամեսցի (ՍՈՓ. ԺԳ. 35, 77):

588. ՎԱՀԱՆ ՌՈՒԾԱՓԻ ՄԷՋ

Արծկէէ մեկնելէն ետքը, Հայաստանի սահմանէն դուրս կ՚ելլէր, եւ այլեւս հանդիպած տեղերը չեն յիշուիր: Ճամբան կը հանդիպի բազում հեծելոց դարձեալ ի պատերազմէ ի հիւսիսային կողմանէ, որք կանուխ Խազիրներու դէմ պատերազմող գունդերէն մաս մը եղած պիտի ըլլան 582), եւ որոնք ետ կը դառնային հետեւելով Մրուան ոստիկանին, որ Միջագետքի ոստիկան էր անուանուած, վասնզի նոյն տարին նոր պատերազմ յիշուած չէ: Ուռհա կամ Եդեսիա քաղաքը հանդիպելով, փրկչական կենդանագիրին ուխտ կ՚ընէ, Կալինիկիա կամ Ռաքքա քաղաքին մօտերը Եփրատը կ՚անցնի, եւ վերջապէս կը հասնի Ռուծափ կամ Սերգիուպոլիս, այժմ Ռուզաֆա, որ էր բնակութիւն Շամ իշխանին Տաճկաց (ՍՈՓ. ԺԳ. 35), այսինքն Հեշամ ամիրապետին, որ այնտեղ պատահաբար կամ առժամաբար գտնուած ըլլալու է: Վահանի Ռուծափ հասնիլը` հետագայ եղելութեանց օրերը հաշուելով, պէտք է դնել 737 Մարտ 1-ին, մեծ պահոց կէսին: Իրեն հետ եկող Յովհաննավանքի եւ Երաշխաւորի միաբանները, թերեւս ուրիշներ ալ, ետ կը դարձնէ` զի մի ըմբռնեսցին (ՍՈՓ. ԺԳ. 78), եւ ինքն արտաքոյ քաղաքին դադարէր սակաւ աւուրս, սպասելով որ իմացուի եւ փնտռուի: Երբ լուր մը չ՚ելլեր, ինքզինքը կը յայտնէ ամիրապետին պաշտօնեաներէն ոմանց, որ իրեն նախածանօթներն էին: Ասոնք գեղանի եւ պայծառ դիւանադպիրը` այդ գծուծ վիճակին մէջ տեսնելով կը խղճան, եւ կը խրատեն բան մը չյայտնել, եւ իր առաջին դիրքը գրաւել: Վահան անոնց կը հաղորդէ իր հաստատամիտ քրիստոնէութիւնը, անգիտակցաբար իսլամացած ըլլալը, եւ քրիստոնեայ մնալու իրաւունքը, եւ նոյնը ամիրապետին առջեւ ալ պաշտպանելու համար եղած ըլլալը: Նոյն միտքով կը դիմէ նաեւ առ դպրապետն, որ յառաջն եղեալ էր նորա վարդապետ, յետոյ առ իշխան ոմն, որ զպետութիւն ելումտիցն ունէր, եւ անոնցմէ ալ միջնորդութեան յոյս չգտնելով, իր ըսելիքը գիրի կ՚առնէ, եւ դահճապետին ձեռօք, որ Քաբշ իշխան Հիմացւոց կը կոչուի, ամիրապետին յանձնել կու տայ: Հեշամ գիրը կարդալէն ետքը կը հրամայէ որ Վահապը առջեւը հանեն: Նախ ողոքանօք, յետոյ խոստումներով, վերջէն սպառնալիքներով կ՚աշխատի Վահանի միտքը փոխել տալ, բայց անօգուտ: Վահան իր քրիստոնէութեան իրաւունքը կը պաշտպանէ, գանձ ու հարստութիւն կը մերժէ, նոյն իսկ Գողթնեաց իշխանութիւնն ալ վրայ տալ չի վարանիր, միայն կը խնդրէ. Տուր ինձ համարձակութիւն ըստ քրիստոնէից սովորութեան համարձակ ունել ինձ զաւանդութիւն կարգաւորութեան իմոյ (ՍՈՓ. ԺԳ. 35-42): Հեշամ կը բարկանայ եւ կը հրամայէ արկանել ի բանտ, եւ զոտս նորա պնդել ի կոճեղս, ուր կը մնայ աւուրս ութն, որ է ըսել Մարտ 9-էն մինչեւ 17, որ էր օր տօնին զոր ողոգոմեան կոչեն, այսինքն է Ծաղկազարդի Կիրակին: Այդ միջոցին Հեշամ ստէպ բանտ ղրկել կու տար զիւրեանց օրինաց զվարդապետսն ի վիճել, որոնք ամաչեցեալ դառնային. միւս կողմէ Վահանի վրայ ճիշդ տեղեկութիւն ստանալու համար, երագընթաց պատուիրակներ ղրկած էր Մրուանի, որ ի ժամանակին ի Միջագետս հանդիպեցաւ (ՍՈՓ. ԺԳ. 44), կամ լաւ եւս Միջագետքի ոստիկան էր եղած (ՎԵՐ. 350): Նա կը պատասխանէր, թէ Վահան յիմաստութենէ ոչ օտար եւ բարետոհմիկ մէկն է, եւ չէ հիւանդ ոք կամ այլացաւ կամ օտարուսումն: Վահան բանտին մէջ եղած ատեն կը մերժէր Յակոբիկ Ասորի երէցին ձեռքէն հաղորդուիլ, եւ վերջին օրը բանտապանէն հրաժեշտ կ՚առնէր, շնորհակալ ըլլալով որ գթութեամբ զիս ընկալար (ՍՈՓ. ԺԳ. 44):

589. ՎԱՀԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԻԼԸ

Վահան զգացած էր այլեւս թէ քրիստոնէութեան համարձակութիւն ստանալու յոյս մնացած չէ, եւ թէ գործը վերջին կէտին հասած է, իսլամութենէ ետ դարձող մը նկատուելուն համար, ուստի աղօթքով ինքզինք մարտիրոսութեան կը պատրաստէր: Հազիւ թէ Մրուանէ դարձող երագընթաց պատուիրակները անոր պատասխանը կը բերէին, թէ Վահան ոչ պակասամիտ եւ ոչ ջլախտաւոր մէկն է, Հեշամ վերջին վճիռը տալու կը ձեռնարկէ, եւ Մարտ 18-ին աւագ Երկուշաբթի օր, նորէն ատեան կը հանէ Վահանը, եւ հարցափորձէ, խոստումէ եւ սպառնալիքէ ետքը մահուան վճիռը կ՚արձակէ, մանաւանդ որ Վահանի համարձակ պատասխաններուն վրայ, ունկնդիրներն ալ կ՚աղաղակէին զի անյապաղ զրաւեսցի նա ի կենցաղոյս: Բայց Հեշամ տակաւին կը յուսար վախցնելով միտք փոխել տալ, եւ դահճապետը կը հրահանգէր, որ սուր շողացնելով, եւ թեթեւ գծելով ատեն անցընէ, թերեւս հաւանի իրենց հաւատքին: Դահճապետը առաւ Վահանը, քաղաքէն դուրս հանեց, սպառնացաւ, զսուսերն փայլեցոյց, հարկանելով սակաւ մի զարիւնացայտսն ալ կատարեց, եւ տեսնելով Վահանի անյողդողդ հաստատամտութիւնը, վճիռը գործադրեց, եւ վերացուցեալ զսուրն եհատ զգլուխն (ՍՈՓ. ԺԴ. 49): Տարբեր ընթերցուածներ եւ զանազան բացատրութիւններ բաղդատելով ստուգուած է, թէ Վահանի վկայութեան օրն է 737 Մարտ 18 աւագ Երկուշաբթի օրը, ցերեկի ժամը 9-ին. իսկ Հայոց շարժական տոմարով 185 մարերի 27: Յայսմաւուրքը Մարտի 20-ը արեգի 20-ին փոխած է, որ համաձայն չէ նախնական վկայաբանութեանց: Սուրբին մարմինը կը մնայ այն գիշեր ի տեղւոջն ուր զմահապարտսն ընկենուին, բայց ոչ ոք եւ ոչ շուներ կը մօտենան, եւ միւս առտուն ներքինապետը հրաման կ՚ընէ, որ եթէ քրիստոնեաներ կան, գիտցածնուն պէս թաղեն: Ասոր վրայ ինչչափ քրիստոնեաներ որ կային, Յակոբիկ, Նեստորական եւ Հոռոմ հաւաքուեցան, եւ Օտարաց գերեզման ըսուած մասին մէջ հանգուցին. հագուստին կտորները եւ գետնի արիւնազանգ հողն ալ ժողովելով եւ պահելով: Թէոփիլէապու-Ստեփան կոչուած Հոռոմ մը ուզեց մարմինը գողնալով պահել, բայց Սերգիուպոլսոյ Ասորի եպիսկոպոսը տէր եղաւ եւ յատուկ վկայարան կանգնեց. իսկ Երաշխաւորի առաջնորդը Արտաւազդ վարդապետ եօթը տարի ետքը, 744-ին յատուկ ուխտի գնաց մինչեւ Ռուծափ, եւ քննութիւններ ընելով եւ գրաւոր վկայութիւններ հաւաքելով` Յայտնութեան տօնին, այսինքն 745 Յունուար 6-ին տեղը դարձաւ, եւ Հայաստանի մէջ քաղած լուրերուն եւ կանուխէն Վահանէ լսածներուն միացնելով մանրամասն կերպով վկայաբանութիւնը կազմեց: Նկատողութեան արժանի է Վահան Գողթնացիի 5 տուն շարականը, որ սովորականէ դուրս քնքուշ ոճովը, տարբեր հեղինակի մը գործ կը տեսնուի: Բերանացի աւանդութիւն մը կայ թէ Վահանի քրոջ կողմէ երգուած ըլլայ իբր պարզ եղերերգ: Ժամանակակիցներու մէջ յիշատակութիւն չենք գտներ, ազգին կողմէն Գողթնացի նահատակին նուիրուած յարգանքի մասին: Իր անունը տօնելի սուրբերուն մէջ անցած է, բայց չենք կրնար ճշդել, թէ ե՞րբ, եւ որո՞ւ ձեռքով տօնացոյցին անցաւ:

590. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՍԻՒՆԵՑԻ

Դաւիթ կաթողիկոսի ժամանակակից նշանաւոր անձ մըն ալ Ստեփանոս Սիւնեաց եպիսկոպոսն է: Պատմութեան մէջ յայտնապէս ըսուած է թէ Դաւիթէ ձեռնադրուեցաւ (ՕՐԲ. Ա. 180), հետեւաբար հարկ չենք զգար աւելի կարեւորութիւն տալ Սիւնեաց եպիսկոպոսներուն տարիներէն քաղուելիք թուականին, որով Դաւիթ եպիսկոպոսի ձեռնադրութենէն հաշուելով 417), Ստեփանոսի ձեռնադրութիւնը յետաձգուած կ՚ըլլար մինչեւ 754, Տրդատ կաթողիկոսի ժամանակ(ՕՐԲ. Բ. 247): Ստեփանոս, որդին է Դըւնայ կաթողիկէի աւագերէցին, եւ հետզհետէ կաթողիկոսարանի, Մաքենոցաց վանքի, եւ Սիւնեաց վարդապետանոցի մէջ կրթուած: Այս վերջին տեղը կ՚աշակերտի Մովսէս Սիւնեցիին, եւ անոր մահուընէ ետքը, Անանիա կը ձեռնադրուի Սիւնեաց եպիսկոպոս, իսկ Ստեփանոս կաթողիկոսարանի ծառայութեան կը մտնէ Եղիայի ատեն, եւ կը սկսի փայլիլ Սուրբ Գրոց մեկնութիւններով եւ տօնապատճառի ճառերով: Սմբատ Բագրատունի երկաբնակ իշխանի միոյ հետ վիճաբանած ատեն, Ստեփանոս կը զգայ յունական ուսմանց պէտք ունենալը, եւ յանկարծական որոշմամբ փոխեալ զձեւն` փախստեայ Կոստանդնուպոլիս կ՚երթայ, եւ իմաստասէր ու միաբնակ ուսուցչի մը մօտ հելլէն եւ լատին լեզուներու կը հմտանայ (ՕՐԲ. Ա. 177): Սմբատ, որ չենք կարծէր թէ պատրիկն ըլլայ, եղելութիւնը իմանալով Լեւոն կայսեր կը գրէ որ չարափառ եւ հայհոյիչ անձը հալածէ, սակայն Ստեփանոս ինքզինքը կը պաշտպանէ անազգի եւ օտար եւ մուրոյ պատճառաւ եկեալ անձ մը ձեւանալով: Միւս կողմէ դիւրութիւն կը գտնէ Ս. Սոփիայի դիւանները պրպտել եւ Աթէնք ալ երթալ, Դիոնեսիոս Արիսպագացիի եւ Գրիգոր Նիւսացիի գիրքերը կը թարգմանէ, եւ ի նպաստ միաբնակ դաւանութեան վկայութիւններ կը հաւաքէ, եւ Գերմանոս պատրիարքի հետ ալ կը ծանօթանայ: Սա, իր վերջին տարին, Ստեփանոսի դառնալուն առթիւ, հաւատոյ գիր մըն ալ կը յանձնէ անոր, Հայոց կաթողիկոսին տանելու համար: Ստեփանոս Հայաստան գալով 728-ին, Օձնեցին վախճանած ու Արամոնեցին կաթողիկոսացած կը գտնէ, եւ անոր կը յանձնէ թուղթը, եւ բերած գիրքերը: Կաթողիկոսն ուրախութեամբ կը պատուէ եւ կը փառաւորէ Ստեփանոսը, եւ նոյնիսկ իրեն կը յանձնէ Գերմանոսի թուղթին պատասխանն ու հերքումը պատրաստել, որ սակայն անոր ձեռքը չէ կրցած հասնիլ, վասնզի Գերմանոս նոյն 728 տարին վախճանեցաւ, եւ իրեն յաջորդեց Անաստաս պատրիարք, Լեւոն կայսեր պատկերամարտ կարծիքներուն համամիտ մը: Այդ երկու գրուածները անցած են Գիրք Թղթոցի հաւաքածոյին մէջ (ԹՂԹ. 358-395): Գերմանոսի գիրը պարզ բացատրական մըն է, աւելի ճառի քան թուղթի ձեւով, եւ ուր յառաջ բերուած են երկաբնակներուն սովորական խօսքերը: Սկիզբը սիրոյ եւ խաղաղութեան վրայ յորդորներ կը խօսի, Ստեփաննոս աստուածասէր քահանայէ իմացած կ՚ըլլայ Հայոց իրենցմէ տարբերիլը, Կիւրղի Աղեքսանդրացւոյ 12 նզովքները կը յաւելու, որպէսզի Յոյներէն նեստորականութեան կասկածը հեռացնէ, եւ այդ նպատակով ընդարձակ բացատրութիւններ ալ կու տայ: Իսկ պատասխանի թուղթը կաթողիկոսի բերնէն գրուած է, թէպէտ անունը տրուած չէ, մինակ հասցէն Գերմանոսի ուղղուած է, որ ծայրագոյն նախագահութիւն ունեցող եւ տիեզերական պատրիարք կը հռչակուի: Հայերուն համար կ՚ընդունի թէ նուազունք են, եւ ներանձնական կրթութեան, եւ ճարտասանութեան ճեմարանին ներհունք չեն, եւ մետասաներորդ ժամուն ի կոչումն սուրբ կոչեցեալ են: Կը յայտարարէ եւս թէ Յունաց մեղադրութիւնները ընդունած է ի ձեռն Ստեփանոսի քահանայի, եւ հիմնուելով Կիւրղի նզովքներուն վրայ կը բացատրէ թէ քաղկեդոնիկ դաւանութիւնը անոնցմէ հեռացած է, եւ երկարօրէն կը գրէ Սուրբ Գրոց եւ սուրբ հարց վկայութիւններով: Նամակին հետեւանքը ինչ ըլլալը պատմուած չէ, զի Գերմանոս նամակը ստանալու չհասաւ, թերեւս ալ մահը լսուելով նամակը չղրկուեցաւ, որովհետեւ Յունաց կողմէն անյիշատակ մնացած է:

591. ՍԻՒՆԵՑԻԻՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Այդ միջոցին կը վախճանէր Սիւնեաց եպիսկոպոս Յովհան, եւ Սիւնեաց նախարարներ, Բաբգէն եւ Քուրդ, Ստեփանոսը կը խնդրեն իրենց մետրապոլտական աթոռին յաջորդութեան, եւ Դաւիթ կաթողիկոս յօժարութեամբ կը կատարէ անոնց առաջարկը: Ստեփանոս ունեցած հմտութեամբ եւ ժրութեամբ կը ձեռնարկէ ամէն կերպ բարեկարգութիւններով ճոխացնել իր վիճակը, մանաւանդ թէ բովանդակ Հայ Եկեղեցին, քարոզելով եւ գրելով, անկարգութիւններ դարմանելով եւ եկեղեցական պաշտամունքը ճոխացնելով: Սիւնեցւոյն մատենագրութիւններէն կը յիշուին Ծննդոց, եւ Յոբի եւ Եզեկիէլի գիրքերուն (ՕՐԲ. Ա. 181), նոյնպէս Դանիէլի եւ Աւետարաններուն մեկնութիւնները (ԿԻՐ. 17), եւ ուրիշ հատուկտոր ճառեր եւ թուղթեր (ՀԻՆ. 494): Թարգմանութիւններէն յիշեցինք Արիսպագացին եւ Նիւսացին, կը յիշուին նաեւ Կիւրեղ Երուսաղեմացին եւ Ղեւտականի մեկնութիւն մը (ՀԻՆ. 496): Իսկ եկեղեցական պաշտամանց համար, ժամերգութեանց մեկնութիւններ է գրած (ՕՐԲ. Ա. 182), ինչպէս հատուած մըն ալ առջեւ կը բերէ Անձեւացին (ԱՆՁ. 77), եւ շարականներ, կցուրդներ, ստողոգիներ եւ տաղեր է յօրինած, որոնց մէջ նշանաւոր են Յարութեան աւագ օրհնութիւնները (ՕՐԲ. Ա. 182): Օրհնութեան շարականին ծագումը, Սաղմոսին ութը կանոններէն իւրաքանչիւրին ծայրը աւելցուած մարգարէական օրհնութիւններէն է, որոնք կանոնը քաղելէ ետքը եղանակով կ՚երգուէին: Ատեն մը սկսեր են ութը կանոններուն օրհնութիւնները ամբողջաբար երգել Կիրակի օրեր, ասկէ ներշնչուած են Սիւնեցիին յօրինած աւագ օրհնութիւնները, մարգարէականներուն իմաստները փրկագործ տնօրինութեանց պատշաճեցնելով: Այդ պատճառով նոյնիսկ օրհնութեան շարականին սկզբաւորութիւնը Սիւնեցիէն կը կարծուի, եւ այդ իմաստով կրնայ առնուիլ Օրբէլեանի գրածը, թէ բաժանեաց եւ զութն ձայնսն, եւ կարգեաց շարեաց զյարութեան օրհնութիւնսն (ՕՐԲ. Ա. 181), որովհետեւ ութն ձայներ իբր եղանակներ Սիւնեցիէն առաջ են, իսկ օրհնութեան շարականներ հին չեն, ինչպէս են հարց եւ ուրիշ շարականները: Այժմ գործածական ութը աւագ օրհնութիւններէն մէկը Շնորհալիի կը վերագրուի (ՏԱԹ. 637), սակայն Սիւնեցին հատ մը պակաս գրած չ՚երեւիր, ինչպէս Օրբէլեանի խօսքէն ալ կը քաղուի, այլ Շնորհալին, որ ամէն տեսակը փորձած է գրել, հատ մըն ալ ինքն գրելով հինին տեղ փոխանակած կ՚ըլլայ: Սիւնեցիին բոլոր գրական երկասիրութիւնները պէտք չէ որ եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն ետքի միջոցին թողունք, վասնզի կանուխէն սկսած է նորա արդիւնաւորութիւնը:

592. ՍԻՒՆԵՑԻԻ ՍՊԱՆՆՈՒԻԼԸ

Ստեփանոս նախանձայոյզ էր նաեւ վարուց եւ բարոյից բարեկարգութեան, եւ անաչառ էր այդ մասին տեսած զեղծումները յանդիմանելու եւ ամէն միջոցներով արգիլելու: Այդ նպատակով հովուական այցելութիւններ ալ կը կատարէր ի մէջ երկոտասան գաւառաց մեծավիճակ գաւազանի իւրոյ, այսինքն է Սիւնեաց 12 գաւառներուն մէջ, քարոզելով եւ խրատելով, ուղղելով եւ սաստելով: Ամառուան միջոցին կը հանդիպի Վայոցձոր գաւառը, Եղեգիկ ձորը, Մոզան աւանը, ուր կը բնակէր, կին մի սեղեխ արբեալ յիմարութեան ախտիւն: Արդէն երեք անգամ խրատած էր զայն, բայց նէ անզեղջ կը մնար, ուստի Ստեփանոս վճիռ հատեալ մեծ պատուհասի, պաշտօնապէս զայն կը բանադրէր: Պոռնիկ կինը, որ գիրքի եւ իշխանութեան տէր մէկն էր, զայրանալով իրեն եղած անարգանքին համար, անօրէն վրէժխնդրութեան կը դիմէր: Սաստիկ տաք օր մըն էր, եւ Ստեփանոս նոյն երեկոյ Աւագակն կոչուած ջուրին մինչեւ գլուխը կ՚ելլէր զովանալ ի նմա, եւ ուռի ծառի մը վրայ անկողին շտկել տալով կը ննջէր: Կինն ու հոմանին գիշերայն ու զէնքով կու գան եպիսկոպոսին պառկած տեղը, եւ երբ հոմանին կը քաշուի վատթար խորհուրդը գործադրել, ինքն կինը հարեալ զսուրն ի փողսն սրբոյն, հեղոյր զարիւնն անբիծ (ՕՐԲ. Ա. 182-185): Եպիսկոպոսին հետեւորդները, առտուն կ՚իմանան եղելութիւնը, եւ հանդիսով ու ժողովուրդով կը հանգուցանեն մերձակայ Արկաղան գիւղի Ս. Քրիստափորի եկեղեցին, որ է այժմեան Արկեաղի Ս. Խաչ վանքը: Նու ճգնաւորը տեսիլքի մէջ կը տեսնէ Ստեփանոսի երկնային փառաւորութիւնը, եւ թերեւս այս պատճառով անոր յիշատակը Յայսմաւուրքի անցած է, թէպէտ տօնելի եղած չէ: Ստեփանոսի մահուան օրը դրուած է Հայոց 184 թուականին հրոտից 15 եւ Յուլիսի 21, Սիմէոն Աղուաշի յիշատակին օրը (ՕՐԲ. Ա. 186), թէպէտ նոր Յայսմաւուրքը կը դնէ հրոտից 17, եւ Յուլիսի 23 (ՅԱՍ. Բ. 37), իսկ հինը` հրոտից 18 եւ Յուլիսի 24 (ՅԱՅ. 668): Եթէ Սիմէոն Աղուաշի օրը պինդ պիտի բռնենք, Յուլիսի 21-ը պիտի նախադասուի, իսկ հրոտից 15-ը միայն անշարժ տոմարով կ՚արդարանայ, թէ ոչ Հայոց 184, որ է 735 տարին, հրոտից 15-ը, շարժական տոմարով կ՚իյնայ Մայիս 6-ին: Հին տոմարի շարժական թուականները անշարժ տոմարի վերածելու անճշդութիւնը յաճախ է մեր վերջին գրողներուն մէջ, եւ դժուար է որոշել, թէ որը որին հպատակեցնելով փոփոխած են: Ստեփանոսի սպանութեան հետեւանքներուն գալով, ահագին երկրաշարժ մը վերիվայր կ՚ընէ նոյն օրերը Վայոցձոր գաւառը, տասը հազարէ աւելի մարդիկ կը կորսուին, գիւղեր կը թաղուին եւ գետեր կը կորսուին, իսկ Ստեփանոսի մարմինը Արկեաղէն Թանահատի վանքը կը փոխադրուի: Այս փորձանքին պատճառով գաւառի Վայոցձոր կոչուիլը (ՕՐԲ. Ա. 186), ոչ իբրեւ անունի ծագում, այլ իբրեւ անունի յարմարութիւն պէտք է իմանալ, զի աւելի հին է Վայոցձոր անունը (ՓԱՐ. 38), զոր ոմանք ոչ վայ բառէն, այլ հնդկական Վայու աստուածութենէն կ՚ուզեն առնել (ՕՐԲ. Ա. 333): Իսկ մարդասպան կինը անագան ուրեմն եկեալ ի սգաւորութիւն, ինքզինքը սաստիկ ապաշխարութեան կու տայ, եւ Թանահատի վանքին հանդէպ բացօթեայ գուբի մը մէջ կ՚ապրի բաւական տարիներ մինչեւ իր մահը, եւ նոյն գուբին մէջ կը թաղուի, որ կայ հանդէպ վանացն, ինչպէս կը գրէ Օրբէլեան (ՕՐԲ. Ա. 187): Ստեփանոս Սիւնեցիին եպիսկոպոսութեան պաշտօնը, եթէ Օրբէլեանի հետեւինք, ամ մի պիտի ըսենք, թէպէտ ինքն ալ կը յիշէ թէ ոմանք ութ ամ ասեն (ՕՐԲ. Ա. 182): Եթէ 728-ին Կոստանդնուպոլսէ դառնալէն ետքը ձեռնադրուեցաւ, եւ 735-ին սպաննուեցաւ, 8 տարիներու միջոցը կ՚արդարանայ, թէ ոչ պիտի ըսենք թէ 734-ին ձեռնադրուեցաւ եւ միւս տարին նահատակուեցաւ: Ըստ մեզ անյարմար չ՚ըլլար 8 տարիներու կարծիքը նախադասել:

593. ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ ԵՒ ՍԱՀԱԿԴՈՒԽՏ

Դաւիթ կաթողիկոսի ժամանակին եղելութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յիշենք, թէ այս միջոցին կը յիշուին քանի մը բանիբուն եւ ընտրեալ անձեր ալ, որոնք ուսումնական հռչակ ունեցան, թէպէտեւ անոնց վրայ որոշ տեղեկութիւններ չունինք, եւ անոնցմէ մնացած արդիւնք ալ չէ հասած ձեռուընիս: Մենք ալ պիտի շատանանք անուննին միայն յիշելով, որք են` Եփրեմ վարդապետ, Խաչիկ վարդապետ, Դաւիթ Հռոմայեցի, Անաստաս վարդապետ(ԿԻՐ. 40), որ թերեւս է նոյնինքն Վասն վանօրէից գրութեան հեղինակը (ԱՆԱ. 10), եւ Ստեփանոս դրաներէց, հմուտ իմաստասիրական եւ գրամարտիկոս, այսինքն քերականական արհեստից (ՍԱՄ. 89): Գրական արդիւնքով փայլողներուն մէջ պէտք է յիշել Սահակդուխտ Սիւնեցի կուսանը, Ստեփանոսի քոյրը, որ բանաստեղծական եւ երաժշտական հմտութեամբ նշանաւոր եղած է, եւ Գառնի գիւղի ձորակին մէջ իրեն առանձնարան մը կազմած, քաղցրանուագ տաղեր յօրինած եւ երգած է, եւ նոյնիսկ վարագոյրի ետեւէն ուրիշներուն ալ սորվեցուցած է: Իրեն գրածներէն կը յիշուի Սրբուհի Մարիամ երգը (ՕՐԲ. Ա. 182), գուցէ եւ Վահան Գողթնացիի Զարմանալի է ինձ շարականը, որ փափուկ զգացումներ կը բուրէ, որ ուրիշներէ Վահանի քրոջ կը վերագրուի 589), որ ծանօթ անձ մը չէ, մինչ Սահակդուխտի եւ Վահանի մէջ առաջուց հոգեւոր հաղորդակցութիւն եղած ըլլալը հաւանական է: Սահակդուխտի գերեզմանը եղած է նոյն իսկ Գառնոյ ձորակին մէջ:

594. ԴԱՒԻԹԻ ՄԱՀԸ

Դաւիթ կաթողիկոս խաղաղութեամբ կնքեց իր կեանքը 741-ին, 13 տարի պաշտօնավարելէ ետքը, եւ հարկաւ թաղուեցաւ, իր ծննդավայրն եղող, իր կալուածն եղած, եւ իրեն հայրապետանոց ըրած Արամոնքի մէջ: Թէ ոչ բոլորովին աննշանակ, բայց արդիւնաւոր անձնաւորութիւն մը եղած չէ: Դուինը թողլով Արամոնք քաշուիլը, մեր տեսութեամբ աւելի դժուարութենէ փախչելով, անձնական հանգիստ փնտռելու նշանակ է, քան թէ բարձր եւ փափուկ զգացման հետեւանք: Վահան Գողթնացիի տուած խորհուրդն ալ, որ անապատ մը քաշուի եւ ուրիշին վնաս չհասցնէ, աւելի իրեն վրայ ալ ծանրութիւն հրաւիրել չուզելու իմաստն ունի: Իր ժամանակին մէջ նշանաւոր ձեռնարկով մը կամ գործունեայ դերով մըն ալ երեւան եկած չէ, եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի եւ ուրիշ վարդապետներու մասին ցուցուցած համակրութիւնը, սովորական գործէ մը աւելի չէ: Դաւանական խնդիրներու մէջ Օձնեցիին արդիւնաւոր ժառանգութեամբը բախտաւորուած ըլլալով, նոր խնդիր մըն ալ չունեցաւ գործունէութիւն ցուցնելու համար, իսկ Գերմանոսի ուղղուած հաւատոյ գիրն ալ` բովանդակ Ստեփանոս Սիւնեցիի արդիւնքն է: Ըստ այսմ աւելի բան մը պիտի չկարենանք ըսել Դաւիթի կաթողիկոսութեան վրայ: