Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳԷՈՐԳ Ա. ԲԻՒՐԱԿԱՆՑԻ

628. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Նորէն սակաւակեաց կաթողիկոս մըն է, որ առաջին երեքներուն կը յաջորդէ: Գէորգի ծննդավայրը Արագածոտն գաւառն է, որ քանիներէն առանց գիւղի անունին կը յիշուի (ՅՈՎ. 142), իսկ գիւղի անուն տուողներէն չորսը Բիւրական կը յիշեն, երկուքը Աշտարակ (ԱՍՈ. 109), եւ մէկ մըն ալ Օշական (ԿԱԼ. 210): Գուցէ ծնած եւ սնած տեղերը տարբեր եղած են, եւ բնակութիւնն ալ փոփոխական եղած է: Մենք կը նախընտրենք Բիւրականցի կոչել, մեծամասնութեան հետեւելով: Գէորգի իբր մակդիր յիշուած է պատմագիրներուն կողմանէ, Խուլորբուկ կամ Խոյլորբուկ անունը (ԿԻՐ. 42, ՍԱՄ. 90), որ Հոյլորբուկ կամ Հոլոբուկ ալ գրուած է, որոնք առաջին կոչումին աղաւաղումները կ՚երեւին: Այլ թէ ուրկէ ուր եւ ինչ առիթով այսպիսի տարօրինակ մակդիր մը տրուած է, բնաւ տեղէ մը ստոյգ լուսաբանութիւն չունինք եւ չենք կրնար ճշդէլ` թէ խուլ լսելեօք, թէ ոչ խոյլ ունեցող որբուկ մը եղած է, զի դժուար չէ, որ Բիւրականցի Գէորգն ալ` Եղիպատրուշեցի Եսայիի նման խեղճ որբուկ մը եղած ըլլայ, բայց այս կարծիքը պարզապէս բառերուն իմաստին վրայ հիմնուած է: Չենք ալ գիտեր թէ ուր աշակերտած է, եւ ինչ պաշտօններ վարած է, եւ թէ որ գաւառի եպիսկոպոս եղած է: Միայն իրեն ալ երեք տարի կարճատեւ կաթողիկոսութիւն վարելէն կը հետեւցնենք, թէ նա ալ ծերացեալ հասակին մէջ կաթողիկոսական աթոռ բարձրացած է, եւ խաղաղութեամբ կեանքը կնքած է, առանց նշանաւոր գործողութիւն կատարելու, եւ նոյնիսկ առանց պէտք եղած ժրութիւնն ունենալու: Գէորգին անունը տալէն ետքը Պատմաբանին յիշելը, թէ սպառսպուռ Հագարացիքն տիրեցին եւ կալան զՀայաստանեայսս (ՅՈՎ. 142), նոյն օրերը կատարուած նոր եղելութիւն մը չէ, այլ Արճէշի եւ Բագրեւանդի պատերազմներէն ետքը Հայերուն շարժում ընելու կարողութիւնն ու միջոցները սպառելով, Արաբացւոց անհակառակ տիրապետելուն բացատրութիւնն է: Միւս կողմէն արտաքին պատմութիւններէ ալ կը տեղեկանանք, թէ Հարուն ամիրապետ հետամուտ էր Արաբական տիրապետութիւնը արշաւանքի եւ ասպատակի ձեւէն մերկացնելով, կանոնաւոր կառավարութեան ձեւին մտցնել: Այսչափ ալ Գէորգի եռամեայ կաթողիկոսութեան մասին, որ 792-է 795 տարիներու միջոցին մէջ կը պարունակուի: