Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳԷՈՐԳ Բ. ԳԱՌՆԵՑԻ

674. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Զաքարիայի յաջորդը եղաւ Գէորգ, բնիկ Գառնի գիւղաքաղաքէն, որ է Կոտայք գաւառի թագաւորական աւանը, մինչեւ ցայսօր ալ նշանաւոր իր հնութիւններով: Պատմաբանը կը ներկայէ Գէորգը իբր այր մի պատուական յընտանեաց տանն կաթողիկոսարանին (ՅՈՎ. 174), որով պէտք չէ կաթողիկոսարանին պաշտօնեաներէն սոսկական մէկ մը իմանալ, վասնզի այլուր կը յիշուին եպիսկոպոս դրան կաթողիկոսին կոչմամբ պաշտօնեաներ (ՅՈՎ. 214), եւ Գէորգ ալ եպիսկոպոս պէտք է եղած ըլլայ, եթէ կաթողիկոսարանին պաշտօնէութեան մէջ պատուական մէկ մըն էր: Իր ընտրութիւնը կը վերագրուի բացարձակապէս Աշոտի կամքին, որ ընտրեալ զայր պատուական հրամայէ ձեռնադրել յառաջնորդութիւն տանս Թորգոմայ (ՅՈՎ. 174), սակայն չենք կրնար ենթադրել որ եպիսկոպոսներ եւ ազատ նախարարներ անմասն մնացած ըլլան, միայն թէ իշխանաց իշխանին կամքը գերակշռութիւն ունեցած է: Ձեռնադրել յառաջնորդութիւն բացատրութիւնն ալ, որ կրնայ յիշեցնել Զաքարիայի համար գործածուած ձեռնադրեն ի հայրապետութիւն բացատրութիւնը (ՅՈՎ. 161), պէտք չէ մեկնել Զաքարիայի նման բոլոր աստիճանները միանգամայն առնելու իմաստով, վասնզի այդպիսի անսովոր եւ բացառիկ պարագաներ ենթադրելի չեն, ցորչափ յայտնի չեն գրուած: Այդ բացատրութենէն կը քաղենք միայն, թէ կաթողիկոսական աստիճանը եկեղեցական արարողութեամբ կը տրուէր, եւ ոչ թէ լոկ ընտրութեամբ կը վերջանար: Գէորգի ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է մեծաշուք պատուով յաւուրս տօնի Թլփատութեան տեառն (ԱՍՈ. 113), որ է Աստուածայայտնութեան ութօրէքը, եւ պէտք է զայն պատշաճեցնել 877 Յունուար 13-ին, որ այն տարին Կիրակի օր մըն ալ կը հանդիպէր, ահեկանի 28-ին Հայոց տոմարով: Գէորգ կաթողիկոսի վերագրուած էր ցարդ Յովհաննու Ասորւոց պատրիարքի թղթոյն պատասխանը (ՀԻՆ. 531), որ հրատարակուած ալ է (ԹՂԹ. 335), եւ ուր Գէորգ Հայոց վերադիտողի եւ հոգեշնորհ փիլիսոփայի պատուանունով յիշուած է: Այդ թուղթը կրնար ալ ծառայել իբր Գէորգի գրական արժանիքին փաստ: Սակայն նոր հետազօտող մը, Ասորւոց պատրիարք Յովհաննէս Բարշուշանի անունով գտնուած նամակը վերոյիշեալ պատասխանին հետ բաղդատելով, եւ յիշեալ Յովհաննէսի 1064-է 1073 պատրիարքութիւն վարած լինելը դիտելով, եզրակացուցած է որ ոչ թէ Գէորգ Բ. Գառնեցիին, այլ Գէորգ Գ. Լոռեցիին պէտք է վերագրել յիշեալ պատասխանի նամակը (ՅԱՐ. 241): Ըստ այսմ Գէորգի գրական արդիւնքէն եւ գրական կարողութենէն փաստ մը չմնալով ձեռուընիս, որոշ բան մը չենք կրնար ըսել, սակայն հնար չէր որ Զաքարիայի ձեռքին տակ գտնուող կաթողիկոսարանի պատուական պաշտօնեան` ուսեալ եւ հմուտ մէկ մը եղած չըլլար:

675. ՀԱՇՏԱՐԱՐ ԴԵՐ

Խաղաղ ու հանդարտ անցած է Գէորգի կաթողիկոսութեան առաջին մասը, որ 877-էն կը հասնի մինչեւ 885, Աշոտի թագաւոր հռչակուած տարին: Գոհացուցիչ չափով համերաշխ վիճակ մը ունէին երկրին իշխանները, իշխանաց իշխանը խոհական ընթացքով կը շահէր ամէնքը, եւ կաթողիկոսն ալ հայրաբար հովանի էր անոնց փոխադարձ յարաբերութեանց, չթողլով որ գրգռութեանց առիթներ ծագին, կամ եթէ ծագին տխուր հետեւանքներու չյանգին: Հետեւաբար այդ միջոցին կարեւոր պատահարներ չունինք պատմելիք, եւ պարտաւորեալ ենք քանի մը ցրիւ յիշատակները քաղել: Երբ Աշոտ իբր իշխանաց իշխան Հայաստանի գլխաւոր պետը կը նկատուէր, ոչ միայն Հայ իշխաններ ազատ աւատապետներ կը մնային իրենց գաւառներուն մէջ, այլեւ Տաճիկ գաւառապետներ զանազան կողմերու կու տիրէին: Հայերուն մէջէն գլխաւորներն էին Գրիգոր Դերենիկ իշխան Արծրունեաց, Աշոտ Կիւրապաղատ իշխան Տարոնոյ, Մուշեղ Բագրատունի իշխան Մոկաց, Գուրգէն Արծրունի իշխան Անձեւացեաց, Վասակ Իշխանիկ իշխան Սիւնեաց, Վասակ Գաբուռ իշխան Սիսականի, Ատրներսէհ Բագրատունի իշխան Վրաց, ամէնքն ալ իրարու ազգակցութեամբ կամ խնամութեամբ մերձաւորներ: Առաջնակարգ դեր ունէին նաեւ Աշոտի եղբայրները, Աբաս սպարապետ` որ Վանանդի գաւառը կը կառավարէր, եւ Շապուհ ասպետ, որ Աշոտի մօտ գտնուող գունդին զօրավարն էր, եւ Աշոտի որդին Սմբատ, որ Գուգարաց կողմերը հանդարտեցնելու եւ կառավարելու ղրկուած էր: Իսկ Արաբացի իշխաններէն կը յիշուին, Յամանիկ Աղուանից կողմերը Պարտաւի մէջ, Ապըլաբառ Կայսիկ Ապահունեաց գաւառը, եւ Ահմաթ որդի Հալթի` որ է Ահմէտ-պինը-Խալիտ Տարոնի մէջ: Պատմիչը կը դիտէ, որ մինչ կային իշխանքն ի միաբանութեան, բանսարկուք ոմանք հրապոյրս պղտորս քսութեան ածէին տանէին ի միոջէն առ միւսն (ԱՐԾ. 247): Այդ քսութեանց հետեւանք էր որ Ահմաթ մինչեւ Դուին կ՚արշաւէր, այլ Աբաս սպարապետի դիմադրութենէն կը ստիպուէր ետ դառնալ, եւ նման պատճառով ալ Դերենիկ` Աշոտ Կիւրապաղատի դէմ կ՚ելլէր, եւ զայն ձերբակալելով Վասպուրականի Սեւան բերդին մէջ կը բանտարկէր, որչափ ալ Աշոտի եղբայր Դաւիթը` Դերենիկի քեռայրն էր (ԱՐԾ. 248): Բանտարկեալ կիւրապաղատին պահպանութիւնը յանձնած էր Դերենիկ իր քեռորդւոյն Հասանի, իսկ եղելութիւնը վիշտ պատճառած էր ամենուն: Հանրութեան թարգման կը կանգնէր Գէորգ կաթողիկոս, որ բազում անգամ թղթովք աղաչեալ էր Դերենիկին` որ անիրաւ գործէն ետ կենայ, եւ յաջողութիւն չգտնելով անձամբ ալ ել գնաց մեծաւ հոգաբարձութեամբ Դերենիկը համոզել, սակայն ոչ կարաց գտանել զելս իրացն, եւ պարտաւորուեցաւ ետ դառնալ` գործը թողեալ ի խնամս Արարչին, թէպէտեւ միշտ սաստիկ հոգայր Աշոտ կիւրապաղատին համար: Ասոր վրայ յանկարծ գործին կերպարանը փոխուեցաւ: Աշոտ կիւրապաղատ Հասանի հետ մտերմանալով, յաջողեցաւ Դերենիկը կասկածելի ընել անոր աչքին, եւ Հասան սուտ հիւանդ ձեւանալով մօրեղբայրը իր տեսութեան հրաւիրեց, եւ նենգութեամբ զայն բանտարկեց Սեւանի բերդին մէջ եւ կիւրապաղատը արձակեց: Գէորգ կաթողիկոսի առջեւ նոր գործ բացուեցաւ, եւ Աշոտ իշխանաց իշխանը ու Գուրգէն ու Մուշեղ եւ ուրիշ իշխաններ ալ մէկտեղ առնելով, Հասանին գնաց որ Դերենիկը ազատէ, եւ յաջողեցաւ առաջարկը ընդունելի ընել տալ, Դերենիկի Գագիկ որդին պատանդ թողլով (ԱՐԾ. 252): Դերենիկ որչափ ալ երդում ըրած էր Հասանի չվնասել, բայց յաջողեցաւ պատանդը ազատելէն ետքը, Հասանը նենգութեամբ բանտարկել Նկան բերդին մէջ, եւ զայն չթողուց, բայց եթէ Գագիկ Ապումրուանը ձերբակալելու խոստումով, որուն վրայ Դերենիկ կասկածիլ սկսած էր: Հասան պայմանը գործադրեց, եւ Գագիկը կալանաւորելով Դերենիկի յանձնեց, եւ սա ալ զայն Վանայ բերդին մէջ բանտարկեց (ԱՐԾ. 254): Վերջին պարագաներուն մէջ Գէորգի միջամտութիւնը նորէն յիշուած չենք գտներ, բայց առաջին առիթներուն մէջ այնչափ հոգածութիւն ունեցող հայրապետը, անտարբեր մնացած չէր կրնար ըլլալ յաջորդ եղելութեանց հանդէպ:

676. ՎԱՍԻԼ ԵՒ ԱՇՈՏ

Այստեղ իբրեւ պարզ յիշատակ մը յառաջ բերենք Վասիլ կայսեր եւ Աշոտ իշխանաց իշխանի յարաբերութեանց մասին պատմուած պարագայ մը: Վասիլ Ա. կայսր, Մակեդոնացի կոչուած ընդհանրապէս, թէպէտ Ադրիանուպոլսոյ գաւառին մէջ ծնած, բայց իբր Հայկական ծագում ունեցող ընդունուած էր, սերած ըլլալով ի Տարոնոյ, ի գիւղէն Թլայ (ԿԻՐ. 45), ինչ որ պէտք է իր հօր ծննդավայրին վրայ իմանալ: Վասիլ իր հայկական ծագումը պարծենալով պահած էր, եւ մանաւանդ անով իրեն բարձր ծագում ալ սեփականելու փափաքը ունեցած էր: Կայսերական պալատան մէջ ստորին պաշտօններէն սկսելով հետզհետէ մինչեւ գահակից կեսարութեան բարձրացաւ Միքայէլ Գ. օրով: Բայց այդ Արբշիռ մականուանեալ, եւ արբեցողութիւնը իբրեւ անուն ընդունելու չափ անառակ կայսեր` շուայտութիւններէն եւ ցոփութիւններէն ձանձրանալով, Վասիլ խումբի մը գլուխ եղաւ, եւ յաջողեցաւ անոր սպանութեամբ կայսերական գահին տիրանալ 867-ին, բայց եւ արժանաւոր վեհապետ մը եղաւ Բիւզանդական կայսերաց մէջ: Անկէ ետքն էր որ Վասիլի հայկական ծագումը` Հայ Արշակունի հարստութեան հետ կապելու գաղափարը ընդարձակութիւն գտաւ: Մերինները կը գրեն թէ այդ գիւտը ըրած է Վահան ոմն եպիսկոպոս Տարոնոյ (ՎԱՐ. 85), իսկ օտարներէն այս գիւտը կը վերագրուի Փոտ պատրիարքին, որ Վասիլի հրամանով աթոռէն զրկուած լինելով, այդ կերպերով կը ջանար անոր համակրութիւնը վայելել (ՉԱՄ. Բ. 700), ինչպէս որ ալ յաջողեցաւ, եւ վերջիվերջոյ 877-ին նորէն պատրիարքական աթոռը գրաւեց: Վասիլի Արշակունի ծագումին փայլը աւելցնելու համար, Սահակ Պարթեւի տեսիլքէն հատուած մըն ալ յառաջ կը բերուէր, որով կրկին անգամ Արշակունիներուն թագաւորելը կը յիշուէր, եւ Վասիլի կայսրութեամբ կատարել թուէր տեսլեանն Սահակայ սրբոյ, նստիլ թագաւոր Արշակունի (ՎԱՐ. 85): Վասիլ ինքն որչափ հաւատաց չենք գիտեր, բայց գաղափարը մշակել ուզեց, որով սոսկական աստիճանէ արքայազարմ մը կը լինէր: Այդ մտադրութեան հետեւանք եղած է, որ Վասիլ Հայ Արշակունիներուն թագադիրները` Բագրատունի ասպետներուն եղած լինելը յիշելով, յերեքհարիւր քսանեւհինգ թուին, որ է 876-ին, Հայաստան ղրկած է ներքինի մի Նիկիտ կոչեցեալ խնդրել ի յԱշոտայ թագ, բերեալ շատ պարգեւս, որովհետեւ կամէր պսակիլ ի Բագրատունւոյն: Աշոտի համար օգտակար էր, կայսրութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել, ուստի մտադիւր կատարէ Աշոտ Վասիլի առաջարկը, միանգամայն տասն հազար արծաթ կը յղէ ընծայ նորաշէն եկեղեցւոյն, զոր Վասիլ շինել կու տար, անոր մէջ Հայոց յիշատակ մը ունենալ ուզելով, ինչպէս որ ժամանակաւ ըրած էին Մամիկոնեանք, նուիրելով հինգ գրիւ արծաթոյ, եւ անով իրաւունք ստացած էին գնել զդուռն արեւմտեան Սըրբոյն Սոփիայ եկեղեցւոյն (ՎԱՐ. 85): Այդ եղելութեանց պատմական ստուգութեան իբր նշան կրնանք ընդունիլ, տարիներ ետքը Վասիլէ Աշոտին թագաւորական թագ ղրկուիլը, որ շատ լաւ կը կապուի նախընթացաբար հաստատուած յարաբերութեանց հետ: Հարկաւ այդ յարաբերութիւնները, որք կերպով մը կրօնական նշանակութիւն ալ կը ստանային, չէին կրնար առանց հայրապետին միջամտութեան կատարուիլ, եւ որովհետեւ բնաւ միութենական կամ դաւանական առաջարկներու յիշատակութիւն չկայ, պէտք է ըսել թէ ինքն Վասիլ ալ, իր Հայ ծագումով Հայոց դաւանութեան համակիր պէտք էր ըլլար, եւ դաւանական խնդիրներէ պիտի խորշէր:

677. ՄԱՇՏՈՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Յիշատակութեան արժանի կը սեպենք Մաշտոց վարդապետի միջադէպն ալ, ոչ միայն յետոյ կաթողիկոսութեան բարձրացած ըլլալուն, այլեւ իրողութեան իմաստը ճշդելու համար: Մաշտոց որդի էր Եղիվարդեցի Գրիգոր քահանային, որ պանդխտութեամբ, Սիւնեաց Սոթք գաւառը, այժմեան Ծար վիճակը կու գայ, եւ այս առթիւ Մաքենոցաց վանքին աշակերտութեան կու տայ Մաշտոցը, որ Ստեփանոս վարդապետի ձեռքին տակ զարգանալով, Սիւնեաց Դաւիթ եպիսկոպոսէն քահանայական ձեռնադրութիւն կ՚ընդունի: Անկէ ետքը Մաշտոց կը փոխադրուի Արտաւազդի անապատը, անկէ ալ կ՚անցնի Սեւան կղզիի անապատը, որուն առաջնորդութեան ալ կը բարձրանայ իր ճգնազգեաց եւ ուսումնական արժանիքով: Մաշտոցի անունը հետզհետէ ամէն կողմ կը հռչակուի, եւ իբր սրբակրօն անձ կը յարգուի ամենէն, մանաւանդ Սիւնիք նահանգին մէջ (ՕՐԲ. Ա. 217), որովհետեւ խստամբեր ճգնութեամբ կ՚ապրէր Սեւանի մէջ, նոյնիսկ ջուրէ ալ զինքն զրկելով, եւ սնունդի համար ալ ընդովք թրջելովք եւ խոտավայել բանջարովք շատանալով (ԱՐԾ. 273): Մաշտոց Սեւանի միաբանութիւնն ալ կը ծաղկեցնէր, եւ իրեն շուրջը կը ժողվէր եղբարց բազմութիւն, որք կարգաւոր վանականութեան մարմին մը կը կազմէին կանոնադրութեամբ սահմանաւ սրբոյն Բարսղի, եւ ճգնաւորական կենցաղին մէջ ոյժ կու տային ուսմանց, ստանալով զբազմութիւն գրոց սրբոց, զի լուսաւոր եղիցին աչք ոգւոց (ԱՍՈ. 146): Մաշտոց Սեւանի արտաքին փայլ ալ աւելցուց նոր շինութիւններով, եւ Սիւնեաց իշխան Վասակ Գաբուռի ամուսնոյն Մարիամ թագուհւոյն առատաձեռնութեամբ, երկու գեղապաճոյճ եկեղեցիներ կառոյց, մէկը Սուրբ Առաքելոց եւ միւսը Սուրբ Աստուածածնի անունով, որոնց աւերակները դեռ եւս կը տեսնուին Սեւան կղզւոյն բլրակին վրայ: Այդ շինութեանց թուական կը յիշուի 874 տարին (ՕՐԲ. Ա. 218): Աշոտ իշխանաց իշխան ալ անձամբ եկաւ ի տեսութիւն սուրբ հօրն, եւ Խաչափայտի աստուածընկալ նշանը ընծայ տուաւ, հաւանաբար Փոտին կողմանէ իրեն ընծայ ղրկուած խաչափայտը 669), եւ միանգամայն վանքին պահպանութեան համար իբր կալուած նուիրեց, Վարսեր, Ցամաքաբերդ, Գոմաձոր, Բերդք եւ Ուռեացտափ գիւղերը, Գառնիի եւ Երեւանի մէջ այգիներ, եւ ուրիշ արդիւնաւոր հողեր (ՕՐԲ. Ա. 218): Այդ ամէն պարագայք կը ցուցնեն Մաշտոցի ստացած համբաւին մեծութիւնը, որ մինչեւ իսկ իբր հոգետես մարգարէ կը նկատուէր, եւ հոգիախաղաց զօրութեամբք ի տեսականի անդ զանտեսն տեսանէր, եւ անոր համար ամենեցուն աչք ի նա հայէին (ՅՈՎ. 186):

678. ՆԶՈՎՔԻ ԽՆԴԻՐԸ

Այդպիսի նպաստաւոր եւ փառաւոր պարագաներու մէջ զարմանալի կ՚երեւի որ անհամաձայնութեան խնդիրներ կը ծագին Գէորգ կաթողիկոսին եւ Մաշտոց վարդապետին մէջ, եւ այնչափ կը յառաջանան, որ մինչեւ իսկ կաթողիկոսին կողմէն նզովք կը սպառնացուի վարդապետին դէմ: Պատմիչներէն ոչ մէկը միջադէպը կը պատմէ, թերեւս խնայելով մեծ վարդապետին եւ կաթողիկոսութեան հասած անձին պատւոյն, այլ անոր անցողակի յիշատակը կը գտնենք Մաշտոցին կողմէն Աբաս սպարապետին գրուած նամակին մէջ, զոր ամբողջաբար յառաջ կը բերէ Յովհաննէս Պատմաբան կաթողիկոսը, Մաշտոցի աշակերտն ու ազգականը, ու անոր անպայման գովաբանը: Արդ այս նամակին մէջ գրուած է. Բայց իմ նզովք դատապարտութեան յաւէտ յիրաւի եւ արժանի էր, եւ զի վրիպեցայ, եւ ըստ արտուղի անկեալ ինքնահրաման բարձի զխտրոց սուրբ հարցն, որ ի մէջ մեր եւ քաղկեդոնականացն, վասն որոյ աղօթահայց ապաշխարութեամբ եւ առաջի անկմամբ պատառեցի նովին սուրբ ձեռօք զձեռնագրեալսն զինէին կարծեօք (ՅՈՎ. 189): Աբասի գրուած նամակին պարագաներուն վրայ իր կարգին պիտի խօսինք, այստեղ միայն Մաշտոցի ակնարկած միջադէպին վրայ կ՚ամփոփենք մեր խօսքը: Մաշտոց կ՚ընդունի թէ սխալ մը գործեր է, վասնզի ինքնիր գլուխ առանց բարձրագոյն հաստատութեան հաղորդակցութեան մտեր է Քաղկեդոնականներու հետ: Այս առթիւ կաթողիկոսարանին կողմէն իրեն դատապարտութեան նզովք սպառնացուեր է, որուն վրայ ինքն իրաւացի գտեր է յանդիմանութիւնը, անոր համար կաթողիկոսին առջեւ խոնարհեր, ապաշխարութեամբ ներում է հայցեր, եւ այս կերպով միջադէպը փակուեր է: Պատմութեան մէջ եղելութիւնը յիշուած չէ, նամակին մէջն ալ ատենն ու պարագաները չեն ցուցուած, որով լոկ մակաբերութեամբ եւ ենթադրութեամբ կրնանք ըսել, թէ Փոտէ եկած պատուիրակութեան եւ Շիրակաւանի ժողովին ատեն կամ անկէ ետքը, կրցած է Մաշտոց լայնախոհ գաղափարի հետեւիլ` բարեմիտ նպատակով, եւ թէ ետ քաշուած է, երբոր տեսած է որ եկեղեցական իշխանութիւնն ու մարմինը իրեն համամիտ չեն գտնուած: Ասկէ աւելի բան մը ըսել չենք կրնար: Միայն զարմացմամբ կը տեսնենք, որ Չամչեան իր քաղկեդոնիկ սիրայարութեան միջոցներուն մէջ բարեմիտ մեկնութեանց շրջանէն անդին անցնելով, խեղաթիւրումներ իսկ գործածելու կը հասնի, եւ Մաշտոցի նամակէն վերեւ յառաջ բերուած կտորը այլայլելով կ՚ըսէ, թէ Մաշտոց Քաղկեդոնի դէմ խօսողներուն համար նզովքի թուղթ մը գրած էր, եւ թէ վերջէն ալ նոյնը կը հաստատէր, եւ այս դիտմամբ Մաշտոցի բերանը օտարոտի բացատրութիւն ալ դնելով կը գրէ. Այլ ի վերայ այսր ամենայնի ասէ. «Իմ նզովք դատապարտութեան յաւէտ յիրաւի եւ արժանի էրե առ այնոսիկ ընդդէմ որոց գրեցի (ՉԱՄ. Բ. 925), ուր քմահաճոյ բառերով կը փոխանակէ վրիպեցայ խոստովանութիւնը` Քաղկեդոնականաց հետ խտրոցը վերուցած ըլլալուն համար, եւ պատառեցի զձեռնագրեալն յայտարարութիւնը, եւ աղօթահայց ապաշխարութեամբ եւ առաջի անկմամբ խոնարհիլը: Քանի մը բառեր առնելով եւ միւսները զեղչելով, ինքնահնար յաւելուածներ կցել, բարեմտութենէ տարբեր կերպ մըն է:

679. ԱՇՈՏ ԹԱԳԱՒՈՐ

Այդ քանի մը միջադէպերը, զորս յառաջ բերինք` Գէորգի կաթողիկոսութեան առաջին տարիներէն, ժամանակին հանդարտ ու խաղաղ կացութիւնը խանգարելու բնութիւնը չունէին, որով կաթողիկոսն ու իշխաններ համարձակութիւն ունեցան տիրող վիճակին աւելի փայլ մը տալ, եւ Հայաստանի իշխանաց իշխանը` Հայոց թագաւորի պատուանունով եւ արքունական շքեղութեանց առաւելութեամբ փառաւորել: Այս կերպով թէ ազգային կացութեան կարեւորութիւնը պիտի շատնար, եւ թէ իրենք ալ իրենց դիրքերուն մէջ բանով մը բարձրացած պիտի ըլլային: Այդ խորհուրդին գլուխը կը յիշուին Գրիգոր Դերենիկ իշխան Արծրունեաց, Գրիգոր Սուփան իշխան Սիւնեաց որ հօրը Վասակ Գափուռի յաջորդած էր, եւ Վասակ Իշխանիկ իշխան Սիսականի, որոնք ընդ այլ իշխանաց Հայոց, յատուկ դիմում ըրին ամիրապետին որ ամիր Ահմաթ կոչուած է (ՕՐԲ. Ա. 219), եւ է Մութամէտ-Պիլլահ, որուն բուն անունը Ահմէտ-Ապուլ-Ապպաս էր 659): Իսկ դիմումին միջնորդն էր նոյն ինքն Յիսէ, որուն հետ տեսակցած եւ առաջին քայլերը պատրաստած էր Զաքարիա կաթողիկոս 666), եւ որ Ատրպատականի ոստիկան եղած էր, եւ Հայաստանի գերիշխանութիւնն ալ իրեն կը պատկանէր: Այս պատճառով իշխանք եւ նախարարք Հայոց իրենց առաջարկը զեկուցանեն ամիրապետին` ի ձեռն ոստիկանին Յիսէի որդւոյն Շէխայ (ՅՈՎ. 175): Քանի որ ինքն Աշոտ չէր կրնար գործին առաջին դերը ստանձնել, հարկաւ Գէորգ կաթողիկոսն էր որ նախարարները միաբանելու եւ խնդիրին առաջնորդելու գործը կը վարէր: Թէ ինչ մտածումներով եւ ինչ պայմաններով հաճեցաւ ամիրապետը Հայոց խնդիրը կատարել, բացատրուած չենք գտներ: Միայն գիտենք թէ Ապպասեանց ամիրապետութիւնն իր ներքին ոյժը կորսնցուցած էր, ամէն կողմ ինքնագլուխ իշխաններ կը տիրապետէին, եւ Մութամէտ հարկադրուած էր անոնց ինքնավարութիւնը ճանչնալ եւ հաստատել, գոհանալով միայն տարեկան հարկի մը վճարմամբ, ինչպէս էին Եագուպ Սաֆար` Պարսկաստանի եւ Ահմէտ Թուլուն` Եգիպտոսի մէջ: Անշուշտ Հայոց առաջարկն ալ դիւրութեամբ ընդունուեցաւ, որովհետեւ հակառակ պարագային նորէն Հայոց ապստամբութեան եւ զինեալ ընդդիմութեան տագնապները պիտի սկսէին, եւ ամիրապետութիւնն ալ կարող պիտի չըլլար դէմ դնել: Նոյնիսկ Ատրպատականի ոստիկաններն ալ ինքնագլուխ տիրապետողի հովեր առած էին ամիրապետին հանդէպ: Ասկէ զատ համոզիչ փաստ մը չենք տեսներ, մեկնելու համար այն սիրալիր սրտիւ դիւրահաւան զիջողութիւնը, որով թագաւորի անուն եւ պատիւ եւ իրաւունք կը շնորհուէր Հայոց իշխանաց իշխանին: Հարկաւ Յիսէ, որ Զաքարիայի օրէն բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած էր Հայոց հետ, իրեն միջնորդութեան վարձքն ու պարգեւը առատապէս ապահովցուցած էր: Յիսէ ոստիկան անձամբ եկաւ բերել թագ թագաւորական, զգեստս թագաւորականս, եւ պարգեւս եւ պատիւս եւ երիվարս օդապարիկ, զինուք եւ զարդուք մէկտեղ, եւ անոնցմով փառաւորել Աշոտ Բագրատունին, Խոստովանող Սմբատի որդին: Հայեր չգոհացան միայն քաղաքական զգեստաւորման հանդէսով, այլ եկեղեցական հանդէս ալ աւելցուցին, եւ կաթողիկոսական օրհնութեամբ նուիրագործեցին Հայոց թագաւորութեան վերանորոգումը:

680. ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Թագաւորական օրհնութեան մանրամասնութեանց մտնելով, նախ պէտք է զայն Շիրակաւանի կամ Երազգաւորքի մէջ կատարուած ըսել, որովհետեւ այնտեղ էր Հայաստանի ինքնուրոյն կառավարութեան կեդրոնը: Իսկ գործածուած արարողութեանց մասին Պատմաբանին խօսքերէն այնպէս կ՚երեւի թէ լոկ աղօթք եւ օրհնութիւն կատարուած է, եւ ոչ օծում, զի կը գրէ. Զհոգեւոր օրհնութեանցն գովութիւնս աստուածայինս ի վերայ կատարեալ, փոխանակ օծման սրուակի իւղոյն (ՅՈՎ. 176): Հիներէն ուրիշներ ալ պարզապէս կը գրեն. Օրհնէ զթագն տէր Գէորգ (ՎԱՐ. 86), այնպէս որ Օրբէլեանի գրելը, թէ էօծ տէր Գէորգ, Հայոց կաթողիկոս, եւ տէր Յովհաննէս Սիւնեաց եպիսկոպոս այլովք եպիսկոպոսօք (ՕՐԲ. Ա. 219), մեզ չի ստիպեր օծում տեղի ունեցած լինելը ընդունիլ, որովհետեւ Օրբէլեան իր օրուան սովորութեան համեմատ կը խօսի, մինչ Պատմաբանը` օրհնութիւնները փոխանակ օծման սրուակի եղան կ՚ըսէ, եւ բացայայտ կերպով օծում տեղի ունեցած չըլլալուն կ՚ակնարկէ: Միայն Սիւնեաց եպիսկոպոսին եւ ուրիշ եպիսկոպոսներու ներկայութիւնը աշխարհանդէս մը տեղի ունեցած ըլլալը կը ցուցնէ: Ամէն առթի մէջ Գէորգ բարեբախտ եղաւ, շուտուց դադարած եւ շատոնց բաղձացուած հանդէսի մը նախագահելով, որ բոլոր երկրին ալ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ, եւ ազգային եւ կրօնական հաստատութիւններ եւ ձեռնարկներ, նոր քաջալերութիւն ստացան (ՅՈՎ. 176): Եղելութեան թուականը ճշդելու մասին, պատմիչներու մէջ տարբերութեանց կը հանդիպինք, եւ միայն եղելութեանց դասաւորութեամբ կրնանք յարմարագոյնը նախադասել: Պատմաբանը որոշ թուական չունի, իսկ աւելի ընկալեալ թուականն է Հայոց 334 տարին, որուն տարեգլուխը կ՚իյնայ 885 Ապրիլ 19-ին, եւ կը տեւէ մինչեւ 886 տարւոյ նոյն օրը, եւ քանի որ տօնական օրուան յիշատակութիւնն ալ չունինք, այդ միջոցին որեւէ մէկ օրը կրնայ իբրեւ հանդիսական թագադրութեան օր համարուիլ: Սակայն երբ ոմանք Հայոց 334 տարին կը յիշեն (ԿԻՐ. 45, ԱՐԾ. 258, ՕՐԲ. Ա. 219, ՍԱՄ. 95), ուրիշներ 336 թուական կը գրեն, եւ Քրիստոսի 888 թուականը կ՚աւելցնեն, Գէորգի կաթողիկոսութեան 12-րդ տարին ալ յիշելով (ԱՍՈ. 144, ՎԱՐ. 86), իսկ Անեցին Հայոց 334 թուականը Քրիստոսի 887 տարւոյն կը համեմատէ (ՍԱՄ. 95): Ժամանակագրական ճշդութեանց ծառայող կէտերուն ուսումնասիրութիւնը կը յորդորէ 334 թուականի ընթերցումը նախադասել, 885-ի վերջերը կամ 886-ի սկիզբները դնել թագադրութիւնը, եւ քանի որ 885 թուականը ընդհանրապէս ընդունուած է, մենք ալ զայն փոփոխելու պահանջ մը չենք տեսներ:

681. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Աշոտի թագաւորելը հայկական երրորդ հարստութիւն նկատուած է պատմիչներէն (ԱՍՈ. 143), սակայն պէտք է դիտել, որ Հայաստանի անկախ պետութիւն մը չսկսաւ Բագրատունիներով, այլ լոկ ինքնուրոյն ներքին կառավարութեան ձեւ մը, եւ այն ալ ոչ կատարեալ եւ ամբողջ: Վասնզի երկիրը ոչ միայն հեռաւոր գերիշխանի մը հարկատու էր, այլ Ատրպատականի ոստիկաններ, երբեմն ամիրապետի անունով եւ երբեմն ամիրապետէն ապստամբելով, ուղղակի Հայաստանի կառավարութեան ներքին գործերուն կը միջամտէին: Հայերն ալ իրենց կողմէն այդ միջամտութեանց առիթ ընծայելէ չէին խորշեր: Եթէ առաջին անգամ Աշոտի թագաւորելը համակամ խնդրեցին եւ համամիտ ողջունեցին, բայց յետոյ նախանձու կիրքեր զիրենք գայթակղեցուցին, իրարու դէմ ամբաստանութիւններով ոստիկաններուն դիմեցին, ամէնքն ալ իրենց հաշւոյն թագաւոր կոչուելու փափաքէն հրապուրուեցան: Ոստիկաններն ալ առիթը ձեռքէ չփախցուցին, իրենց կողմնակցութիւնը սուղի վաճառեցին, Հայերը իրարու դէմ զինեցին, եւ երկիրը բազմաթիւ պետերու մէջ բաժնեցին, այնպէս որ Հայոց թագաւոր անունով վեց եօթը իշխաններ միեւնոյն ատեն Հայաստանի զանազան կողմերը կ՚իշխէին: Նոյնիսկ առաջին թագաւոր Աշոտի հինգ տարուան թագաւորութեան միջոցը կատարեալ խաղաղութեամբ չանցաւ, եւ անկէ առաջ իր իշխանաց իշխան անունով վարած կառավարութեան ժամանակները շուտով փնտռուիլ սկսան, եւ կարծես թէ թագը բարեբաստիկ ազդեցութիւն չգործեց: Բագրատունեաց պատմութիւնը ոչ ազգին եւ ոչ եկեղեցւոյն համար մխիթարական երեւոյթներ չունի ներկայելու, եւ հազիւ թէ թագաւորութեան աւետիսով ուրախացած, դժնդակ տագնապներու գոյժեր գրելու պիտի պարտաւորուինք: Պատմիչը նախարարական տուներուն մէջ տիրապետող բարոյական անկարգութիւնները յիշատակելով, Ջրհեղեղի եւ Սոդոմի աստուածասաստ պատուհասները կը յիշէ, եւ իբր երկնառաք պատիժներ կը ցուցնէ Հայաստանի վրայ հասած տագնապները, քանի որ մեղք քան զմեղս, յայտնապէս տանջանք քան զտանջանս կը պատճառէին (ԱՐԾ. 244): Պէտք էր իբրեւ պատճառ յիշել նախանձը, անմիաբանութիւնը, եւ եղբայրասպան պայքարները, որոնք ըստ ինքեան անհնարին պատուհասներ էին, երկնառաք պատիժներէն ալ սաստիկ:

682. ՎԱՍԻԼԷ ԹԱԳ

Վասիլ կայսր, որ իբր հայկական Արշակունի հարստութեան սերունդ 676), եւ իբր բիւզանդական կայսր, կրկնակի ձգտումներ կը տածէր Հայաստանի վրայ, եւ Ապպասեանց անկումն ու տկարանալը տեսնելով կրնար մեծայոյս լինել իր փափաքներուն իրագործման, լաւ չտեսաւ թագաւորական աստիճանի եւ պատուոյ շնորհմամբ Հայերուն Արաբական տիրապետութեան հետ ներքնապէս կապուիլը, եւ փութաց ինքն ալ իր կողմէն սիրելի երեւիլ Հայոց, եւ անոնց համակրութիւնը վառ պահել: Այս նպատակով ինքն ալ իր կողմէն դարձեալ թագ առաքեաց Աշոտայ ի վերայ իսմայէլականին (ԿԻՐ. 45), որով պայման խաղաղութեան եւ սիրոյ հաստատէր, հաղորդակից կացուցանելով յամենայն թագաւորութիւնս թագաւորութեան իւրոյ (ՅՈՎ. 177): Այս կերպով է որ Աշոտի թագաւորելը կամակցութեամբ Վասիլի կրցած է ըսուիլ (ԱՍՈ. 144), թէպէտեւ մեծ կայսրն Յունաց Բարսեղ (ՅՈՎ. 177), լրացեալ իրողութեան մը վրայ կը հասնէր, որ առանց իրեն կատարուած էր: Չենք կարծեր որ Վասիլէ եկած թագին համար ալ օրհնութիւն մը կատարուած ըլլայ, թէպէտեւ Վարդան կը գրէ, թէ զնոյն եւ կայսրն Վասիլ առաքէ, եւ օրհնէ զթագն տէր Գէորգ (ՎԱՐ. 86): Վասնզի Պատմաբանը օրհնութիւնը Իսմայէլեան թագին կը յատկացնէր եւ յունականը յիշելով նորէն օրհնութիւն չի յիշեր: Վասիլի նպատակը պարապի չելաւ: Հայերուն շատ հաճելի եղաւ քրիստոնեայ վեհապետէն ալ իբր թագաւորութիւն ճանչցուելնին, որով կը յուսային Արաբական տկարացած տիրապետութենէ ազատելու համար հովանաւոր մը ունենալ, ինչ որ շեշտուեցաւ մանաւանդ Աշոտի որդւոյն եւ թոռին ատենները: Սակայն այդ երկկողմանի քաղաքականութիւնը բարեգուշակ չեղաւ Հայաստանի համար: Յոյներն ալ իրենց մէջ միշտ պառակտած, եւ զօրաւոր ձեռնարկներու անբաւական, ոչ թէ Հայերը ազատութեամբ օժտելու, այլ իրենց հպատակեցնելու հետամուտ էին, եւ անհիմն յուսադրութիւններով կը քաջալերէին Հայերը անխորհուրդ շարժումներու, որոնք ոչ յաջող եղան եւ ոչ արդիւնաւոր, եւ շատ մը տագնապներու եւ տառապանքներու դուռ բացին, եւ Բագրատունիները կատարեալ անկումի հասցուցին:

683. ԱՇՈՏ ԵՒ ԻՇԽԱՆՆԵՐ

Աշոտի թագաւորութեան հնգամեայ միջոցին` մեծ փոփոխութեանց եւ ձախող գործողութեանց առիթներ չերեւցան տակաւին, որով կրցաւ աշխարհաշէն ձեռնարկներով զբաղիլ: Պատմաբանին յիշած մանրամասնութեանց մէջ նշանաւոր կը նկատենք երկրագործական եւ անասնաբուծական զարգացմանց ջանքերը (ՅՈՎ. 196), որք հիմնապէս երկրին բարօրութեան հետեւող իշխանապետի հանճարը կը վկայեն: Քաղաքականապէս իր ազդեցութիւնը տարածեց դէպի հիւսիս, իրեն հպատակեցնելով Գուգարաց աղխատրոյզ բնակիչները եւ Ուտէացւոց ելուզակուտ ժողովուրդը, եւ բոլոր ի ծործորս մեծի լերին Կովկասու գտնուող ցեղերը, զանոնք օրինաւորս եւ հլուս կազմելով: Եգերացւոց թագաւորին հետ սէր միաբանութեան կը հաստատէր, եւ այնպէս նմա այցելէր (ՅՈՎ. 177): Ամիրապետութիւնը այդ կողմէն դժուարութիւն չէր հաներ, վասնզի իր ազդեցութիւնը կը տարածուէր, թէեւ միջնորդաբար: Դերենիկ ալ առիթէն օգտուելով իր իշխանութիւնը կ՚ընդարձակէր Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներու կողմերը (ՅՈՎ. 178), եւ ձմերելու համար կ՚երթար Ընծայից ձորը Հեր քաղաքի մօտերը: Տեղւոյն այլազգիները, որք չէին կրցած տանիլ Դերենիկի յաջողութիւնը, դաւաճանութեան դիմեցին, եւ անգամ մը երբ Դերենիկ պզտիկ գունդով զհետ որսոց ինչ յանհոգս յանզգուշութեան կը շրջէր, Հերի քաղաքապետը Ապլբերս, բարեկամական ձեւով, բայց աւելի մեծ գունդով դիմաւորելու ելաւ, եւ իրենները երկու կողմ բաժնեց որ Դերենիկ առջեւ գայ, եւ հազիւ թէ սա Ճէմս առեալ սիգաքայլ երիվարաւն մէջերնին մտաւ, ետեւէն փակեցին, եւ սրախաղխաղ արարեալ սպանին (ԱՐԾ. 255): Դերենիկի մարդիկը յաջողեցան միայն մարմինը առնելով բերել եւ թաղել Աղբակի Սուրբ Խաչ վանքը (ԱՐԾ. 257): Դերենիկի մահը տեղի ունեցաւ 886-ին, վասնզի մեծ տղան Աշոտ Սարգիս դեռ 9 տարեկան կ՚ըսուի, (ԱՐԾ. 257), որուն ծնունդը նշանակուած է 877-ին (ԱՐԾ. 245): Դերենիկի երեք տղաքը, որք միանգամայն Աշոտ թագաւորի թոռներն էին, շատ պզտիկ ըլլալնուն, Աշոտ իր որդին Շապուհը ղրկեց, որպէսզի անոնց ժառանգութիւնը կարգադրէ, ինչպէս որ ալ ըրաւ` Գագիկ Ապումրուանը անոնց խնամակալ նշանակելով, իսկ մայրերնին տիկին Սոփի, Աշոտի աղջիկը, տարիուկէս ետքը կը վախճանէր (ԱՐԾ. 257): Նոյն միջոցին Սիսականի իշխան Վասակ Իշխանիկն ալ խաղաղութեամբ կը վախճանէր, եւ իրեն կը յաջորդէր եղբայրը Աշոտ Սիսական (ՅՈՎ. 179): Աբաս սպարապետ, թագաւորին եղբայրը, Վանանդի կողմեր խաղաղելու եւ կառավարելու կ՚երթար (ՅՈՎ. 182), ինչպէս թագաւորին երէց որդին Սմբատն ալ, ի կողմանս Գուգարաց` ի նուաճել զազգսն զայնոսիկ գնացեալ էր (ՅՈՎ. 181), եւ այս կերպով Աշոտ իր իշխանութիւնը ամէն կողմեր ազդեցիկ ու օգտակար կ՚ընէր: Գէորգ կաթողիկոսի անունը որոշակի յիշուած չենք տեսներ այդ հնգամեայ միջոցի գործերուն մէջ: Սակայն տեսնելով որ Աշոտ իր մահուան պահուն ալ առ ինքն զմեծ կաթողիկոսն Գէորգ կարդացեալ կը հրաւիրէր (ՅՈՎ. 180), եւ անկէ ետքն ալ Գէորգ էր` որ թագաւորութեան գործերուն մէջ կը գտնուէր, անկասկած կը հետեւցնենք թէ նա շարունակաբար Աշոտի խորհրդականն ու օգնականն էր եղած:

684. ԱՇՈՏԻ ՄԱՀԸ

Չամչեան յունական աղբիւրէ առնելով կը պատմէ Աշոտի Փոքր Հայոց կողմերը երթալը եւ Կոստանդնուպոլիս Լեւոն Զ. Յունաց կայսեր այցելելը, որ 886-ին իր հօրը Վասիլի յաջորդած էր (ՉԱՄ. Բ. 706): Սակայն այդպիսի ճամբորդութիւն մը չեն յիշեր մերոնք, որոնք ժամանակով աւելի մօտ են Աշոտի, եւ Յովհաննէս Պատմաբան ականատես մըն է, որ զանց պիտի չընէր այսպիսի նշանաւոր դէպք մը: Միւս կողմէն Հայաստանի ոստիկանն ալ լաւ աչքով պիտի չդիտէր այդպիսի այցելութիւն մը: Պատմաբանը Աշոտին համար կը գրէ, թէ ի ճանապարհի յիջեւանս հիւանդացաւ, եւ Բագարանի մօտ Քարսպառ կոչուած տեղը մեռաւ (ՅՈՎ. 180), բայց Կոստանդնուպոլսոյ անուն չի տար, եւ նոյնիսկ յիշուած տեղերու անունները Շիրակի մէջ փոքրիկ պտոյտի վրայ եղած լինելը կը ցուցնեն: Ըստ այսմ կրնանք հետեւցնել, թէ վերջէն Աշոտի թոռան, Աշոտ Բ. թագաւորին Կոստանդնուպոլիս երթալը` շփոթութեամբ Աշոտ Ա. թագաւորին վերագրուած է: Հազիւ Աշոտ կը զգայ իր վերջին վայրկենին հասած լինելը, շտապաւ իր մօտ կը կանչէ Գէորգ կաթողիկոսը, եւ անոր ձեռքէն կ՚ընդունի Մարմնոյ եւ Արեան յետին թոշակը, եւ անոր կը յանձնէ գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ, որ բաշխէ ի տնանկս եւ յաղքատս: Միանգամայն նոյն հայրապետին տրամադրութեան ներքեւ կը դնէ, զլիապատար գանձարանացն մթերս, եւ զերամակս ձիոց, եւ զդասակս անդէոց, եւ զհօտս ոչխարաց, որպէսզի իր պատշաճ տեսած կերպով բաշխէ յեկեղեցիս ուղղափառաց` իւրաքանչիւրին կարօտութեան համաձայն, եւ ամէն կողմ իրեն համար հոգեհանգստեան աղօթքներ կատարել տայ ի նուիրումն պատարագին սրբութեան: Մարմինը կը փոխադրուի եւ կը թաղուի մերձաւոր Բագարան քաղաքը, շքեղ յուղարկաւորութեամբ, ոսկեհուռն հանդերձիւք եւ ոսկեզօծ վառիւք զդագաղսն կը զարդարեն, խումբք զօրաց զինուք եւ զարդուք առջեւէն կը քալեն, եւ կղերք եկեղեցւոյ` մեծ կաթողիկոսն ալ գլուխնին դագաղը պատելով աղօթքներ կը մատուցանեն` զխաչակրօն սաղմոսերգութիւնս եւ զձայնս օրհնութեանց նուագելով: Աշոտի երէց որդին Սմբատ եւ եղբայրը Աբաս բացակայ ըլլալով, միւս երեք որդիները, Դաւիթ եւ Սահակ եւ Շապուհ, հետամտէին զկնի դագաղացն, եւ անոնց ետեւէն բոլոր նախարարազուն իշխաններ, եւ անհամար բազմութիւն ռամկացն եւ անռամկացն, որոնց մէջ էր տեսանել կուսանս ողբերգակս, եւ արտոսրաթոր կականումն եւ աշխարանս տիկնանց եւ տանտիկնանց (ՅՈՎ. 181): Աշոտ մեռաւ 71 տարեկան (ՎԱՐ. 86), Հայոց 339 (ԱՐԾ. 258) կամ 340 (ԱՍՈ. 145) թուին, զոր ի դէպ է համեմատել 890 թուականին, թէպէտ Անեցին 892-ին կը տանի (ՍԱՄ. 95), իր յատուկ հաշուովը: Յայսմաւուրքը մարերի 21-ին կը դնէ Աշոտի յիշատակը (ՅԱՍ. Ա. 234), որ շարժական տոմարով կը պատասխանէ Փետրուար 2-ին, 891 տարւոյն սկիզբը: Աշոտ մեռաւ երկար ատեն Հայոց բախտը վարելէն, եւ երկրին համար մեծապէս երախտաւոր ըլլալէն ետքը: Աշոտ գործի գլուխ անցած էր 855-ին Բուղայի անգթութեանց օրերը, երկիրը աւերակ եղած էր եւ բոլոր իշխաններ եւ իր հայրն ալ գերութեան տարուած էին, բայց 35 տարի ետքը, Հայաստանը կը թողուր շէն եւ եկեղեցին պայծառ, եւ երկիրն ալ թագաւորութեան բարձրացած: Ըսե՞նք արդեօք, թէ իր կազմած բարօրութիւնն ալ կ՚առնէր կը տանէր իրեն հետ:

685. ԳԷՈՐԳ ԵՒ ԱԲԱՍ

Սմբատ թագաժառանգ արքայորդին, գոյժը առնելուն անմիջապէս եկաւ Շիրակաւան, ուր եկաւ եւ Գէորգ կաթողիկոս Բագարանի մէջ յուղարկաւորութիւնը լրացնելէն ետքը, որպէսզի մխիթարէ եւ թագաւորութիւնը ստանձնելուն պաշտօնական գործողութիւնները լրացնէ: Սակայն միւս կողմէն Աբաս սպարապետ, եղբօրը ժառանգութիւնը իրեն սեփական կարծելով, ինքզինքը Հայոց թագաւոր հռչակելու կը ձեռնարկէր, եւ երբ Ատրներսէհ իշխան Վրաց, իրեն հանդիպելով Շիրակաւան երթալ կ՚ուզէր, արգելք կը դնէր` որպէսզի Սմբատ իբր թագաւոր չճանչցուի: Ատրներսէհ, ցաւակցական այցելութեան անհրաժեշտ պայմանը լրացնելու պատճառաբանութեամբ, Աբասէ թոյլտուութիւն կը ստանար, բայց Շիրակաւան գալով, Սմբատը իբրեւ թագաւոր կ՚ողջունէր, եւ ամէն կերպով կը քաջալերէր արիանալ եւ գործի գլուխ անցնիլ: Անոր խօսքերով Սմբատ զսեւաթոյր զգեստու զգեցումն ի բաց թօթափէ, եւ թագաւորական զգեստուց զգեցմամբ իշխանութիւն վարելու կը սկսի (ՅՈՎ. 182): Սեւ հագնելով սուգ պահելու յիշատակութիւնը նկատողութեան արժանի է, որ այս սովորութեան կանուխէն ալ գործածական եղած ըլլալը կը ցուցնէ: Ատրներսէհ իր այցելութեան արդիւնքէն գոհ եւ Սմբատէ տեսած սիրոյն եւ ստացած ընծաներուն վրայ ուրախ` ետ կը դառնար, երբ նորէն Կարս հանդիպած ատեն, Աբաս կալեալ կապէ զնա երկաթի շղթայիւք, եւ դնէ ի բանտին ի բերդին Կարուց: Շիրակաւանի մէջ կատարուած գործերը Աբասի կասկածը շարժած էին, թէ Ատրներսէհ Սմբատը իրեն դէմ գրգռած ըլլայ, բայց իրօք Ատրներսէհի բանտարկութիւնն եղաւ Սմբատի գրգռուելուն պատճառը, որ բանակին գլուխը անցնելով Վանանդի վրայ քալեց: Աբաս զէնքով դիմադրելու ելաւ, եւ մարտ մարտուցեալ ոչ սակաւ խուժան աւերանաց գործեցին երկաքանչիւրն ալ: Հարկ կ՚ըլլար որ Գէորգ կաթողիկոս նորէն մէջտեղ ելլէր, իր մեծ հաշտարարի դերը կատարել, եւ Կարս կ՚երթայ որ Ատրներսէհի ազատութիւնը ստանայ Աբասէ: Սա Վրաց սահմանէն երկու բերդ, եւ Ատրներսէհի Դաւիթ որդին պատանդ կը պահանջէ որ Ատրներսէհը թողու, եւ յայդմ բանի յետկարի երդմանն կնքեալ տայր ցհայրապետն մեծ (ՅՈՎ. 183): Ասոր վրայ Գէորգ Ատրներսէհ կը յորդորէ պայմանները ընդունիլ, բայց Աբաս, զխնդրելին իւր ստանալով ալ երդմանը կը դրժէ, եւ Ատրներսէհը թող չի տար, քամահեալ եւս զմիջնորդութիւն կաթողիկոսին մեծի: Ասոր վրայ Գէորգ տխրական տրտմութեամբ եւ դառնութեամբ եւ խոժոռեալ խռովութեամբ Շիրակ կը դառնայ (ՅՈՎ. 184), գործին վիճակը Սմբատի ծանուցանել: Սմբատ կը պարտաւորուի պատերազմը նորոգել եւ սաստկացնել, մինչեւ որ Աբաս, Կարսի մէջ պաշարուած եւ նեղի ինկած, հաշտութիւն կը խնդրէ, եւ Ատրներսէհը թողուլ յանձն կ՚առնէ, միայն իր ապահովութեան համար Սմբատի Աբաս որդին եւ Աշոտ եղբօրորդին պատանդ կը խնդրէ, ինչ որ Սմբատ չի զլանար իր ուղղամտութիւնը կասկածի չենթարկելու համար:

686. ՍՄԲԱՏԻ ԹԱԳԸ

Այդ միջոցին կը հասնի Սմբատի թագաւորութեան հաստատութիւնը Մըթամէտ-Պիլլահ ամիրապետին կողմէն, եւ Ափշին Ատրպատականի ոստիկան, որ յաջորդած էր Յիսէի, անձամբ կը բերէ թագ արքայութեան, ոսկիակուռ զգեստ, եւ նժոյգս իբր օդապարիկս, ի զարդս եւ ի զէնս ոսկիակուռս պճնապայծառս: Թագադրութեան հանդէսը եկեղեցական արարողութեամբ կ՚ամբողջացուէր, եւ Գէորգ կաթողիկոս երկրորդ անգամ ըլլալով թագօրհնէքը կը կատարէր, պարզապէս աւետարանեալ ի վերայ զնուիրական աղօթսն (ՅՈՎ. 185), թէպէտ այստեղ ալ Օրբէլեան` օծանեն զնա թագաւոր Հայոց բացատրութիւնը կը գործածէ, եւ կը յիշէ Սիւնեաց եպիսկոպոս Յովհաննէսի, Վրաց բդեշխ Ատրներսէհի, Սիսականի իշխան Աշոտի, Արծրունեաց խնամակալ Գագիկ Ապումրուանի ներկայութիւնը այլովք իշխանօք (ՕՐԲ. Ա. 220): Թագադրութեան հանդէսին թուականը 891-էն ետքը թողլու նշան մը չենք գտներ, իսկ Շապուհի թագ բերած ըլլալու յիշատակութիւնը (ԱՍՈ. 148) ստուգութիւն չի գտներ: Աբաս իրեն բարձրամիտ ձգտումներուն մէջ յուսախաբ եւ իր նկուն մնալուն վրայ կատղած, եւ նորէն վրէժխնդրութեան համար զէնքի դիմելու անկարող, բոլոր քէնը Գէորգ կաթողիկոսի վրայ կը սկսի թափել, իբր զնա գոլ պատճառ իւրում զրկութեան եւ Սմբատայ թագակապութեանն (ՅՈՎ. 186), եւ միտքը կը դնէ զայն կաթողիկոսութենէն հանել տալ: Կաթողիկոսարանին մէջէն քսու եւ զրպարտիչ մարդիկներ կը շահի, եւ անոնց բերնով Գէորգի վրայ անբարոյ գործերու յերիւրանքներ կազմել կու տայ, եւ այդ չարախօսութեանց հիմամբ կը պահանջէ որ կաթողիկոսը եպիսկոպոսական ատեանի առջեւ դատուի եւ դատապարտուի:

687. ԱԲԱՍ ԵՒ ՄԱՇՏՈՑ

Աբաս մտածեց որ իրեն լաւ օգնական կրնայ ըլլալ Սեւանի առաջնորդ Մաշտոց վարդապետը, ոչ միայն իր խստապահանջ սկզբունքներով, այլեւ առաջուց Գէորգէ ցաւած լինելով 678), եւ թէ կրնայ իր մեծ հեղինակութեամբ ժողովին վրայ ազդել, եւ Գէորգի հակառակ վճիռ արձակել տալ: Ուստի ելաւ յատուկ նամակով մը Մաշտոցի ձեռնտուութիւնը խնդրեց, գուշակեալ եւս զնա ինքն ի պատիւ հայրապետութեան փոխանակ նորա կացուցանել (ՅՈՎ. 187), որով աւելի եւս գրգռուած պիտի ըլլար Մաշտոցի անձնասիրութիւնը. ուստի յայտնապէս կը յիշեցնէր ժամանակին իրեն ալ Գէորգի կողմանէ անիրաւութիւն կրած լինելը: Մաշտոց չկրցաւ հաւանիլ Աբասի ձեռնարկին, եւ զայրանալով մտածեց անպատասխանի թողուլ, բայց որպէսզի լռելովը հաւանութիւն ցուցուցած չկարծուի, ընդարձակ պատասխան մը գրեց, զոր Յովհաննէս Պատմաբան, Մաշտոցի աշակերտը, իբրեւ կարեւոր վաւերաթուղթ, ամբողջաբար յառաջ բերած է իր պատմութեան մէջ (ՅՈՎ. 187-197), եւ մենք ալ օգտակար կը գտնենք զայն քաղելով ամփոփել: Մաշտոց յարգելով հանդերձ Աբասի իշխանութիւնը, եւ անոր հպատակելու պահանջը, կը յաւելու թէ կը պարտաւորուի հնազանդիլ Աստուծոյ առաւել քան մարդկան, անոր համար չի համակերպիր այն ամբաստանութեանց զորս գրած է զմեծ հայրապետէն եւ զփոխանորդէն Քրիստոսի: Որովհետեւ, կ՚ըսէ, զիմ նզովսն պատկեր կալեալ էք նորա անզգամութեանն, այս նշանակութիւն չունի, եւ կ՚աւելցնէ, ես էի որ վրիպեցայ, անոր համար ապաշխարութեամբ եւ առաջի անկմամբ պատառեցի իմ գրածներս: Գէորգի դէմ յարուցուած բարոյական զրպարտութիւններուն կը պատասխանէ, թէ չէ հնար ի ծերութեան դար հասեալ անձի վրայ ասանկ բաներ խօսիլ, որ զանց արարեալ է զաստեօք ի մանկութենէ: Կ՚աւելցնէ թէ լոկ կարծեօք ասանկ բաներ խօսիլ ներեալ չէ, եւ կը հրաժարի ամբաստանութեան մասնակցելէ, որպէսզի Կորխի անէծքին չհանդիպի, որ Ահարոն քահանայապետը ամբաստանել յանդգնեցաւ (ԹԻՒ. ԺԶ. 11): Ընդարձակ յորդորներով կը խրատէ յետս կասել իր ձեռնարկէն, յիշեցնելով Յովհաննէս Ովայեցիին դէմ յարուցուած ամբաստանութիւնը 646), քանի որ չօրհնեցաւ իշխանն Բագարատ, որ զայդպիսիս խորհեցաւ յոչինչ պէտս, որում ամենեքեան իսկ գիտակք եմք կորստեան, այսինքն է ձերբակալուելուն եւ ուրացութեան ստիպուելուն(§ 654): Քննութեան համար ժողով մը գումարելու բացարձակապէս չի հակառակիր, այլ պատմութիւններէ գիտնալով զրպարտողներու եւ սուտ վկաներու առատութիւնը, կ՚ուզէ որ վկայութիւն տուողներ նախ ապաշխարեսցեն խորգով եւ մոխրով, կրօնաւորեալ սրտի մտօք, եւ անկէ ետքը հաւատարիմ բանք նոցա լինեցին: Իսկ ժողովական եպիսկոպոսներն ալ ընտրեալք եւ արդարք ըլլան, եւ ի հեռաստանէ եկեսցեն, յորոց վերայ ոչ լինի կարծիք ատելութեան, ինչ որ դիւրաւ կ՚ենթադրուի կաթողիկոսին եւ կաթողիկոսարանին հետ շփման մէջ գտնուողներուն վրայ: Մաշտոց զօրաւոր խօսքերով կը փակէ իր թուղթը, Գէորգի վրայէն որեւէ կասկած հեռացնելով:

688. ԱԲԱՍԻ ԶՂՋՈՒՄԸ

Աբաս գոհութեամբ չկարդաց Մաշտոցի նամակը, որուն համամտութեան վրայ մեծ ակնկալութիւն դրած էր: Ուրիշ տեղերէ ալ, որոնց դիմած էր, ոչ ուստեք ըստ կամաց ընկալաւ պատասխանիս, այլ աւելի իրեն դէմ յանդիմանակաց մեղադրութիւնս ստացաւ: Միւս կողմանէ իրեն գործակից եղող եւ զրպարտութեանց վկայ եղողներէն մէկուն բերանը որդնեռաց եղաւ, ինչպէս որ շատերուն յայտնի եղած է, եւ ինձ իսկ գլխովին, կ՚ըսէ Պատմաբանը: Ուրիշի մը փորին աղիքները ընդ պիտոյսն գարշութեան խառն վայթեցան, երրորդի մը մարմնոյն վրայ խաղաւարտք ի վեր եռացեալք կրակի պէս վառել սկսան, եւ ամէնքն ալ չարաչար ախտերով մեռան: Ասոր վրայ միւս զրպարտողներն ալ մեղայասացութեամբ առ ոտս հայրապետին դիմեցին, եւ ինքն Աբաս սպարապետն ալ սարսափմամբ սրտի զարհուրեալ, Գէորգ կաթողիկոսին երթալով հայցէր զթողութիւն մեղանչական մոլորութեանն (ՅՈՎ. 198): Գէորգ իր կողմէն շարժում մը ըրած չ՚երեւիր. արդէն իրեն ապահովուած էր Սմբատի պաշտպանութիւնը, ամէն կողմէ Աբաս կը մեղադրուէր, յայտնի ըլլալով անոր քինախնդիր շարժումը, որով կաթողիկոսը առանց դժուարութեան ներեց զրպարտիչ վկաներուն եւ ամբաստանող սպարապետին, որ այդ պարագային վրայ, բոլորովին հրաժարելով իր սնոտի ձգտումներէն, ոչ միայն Գէորգի, այլ եւ Սմբատի հետ ալ հաշտ կերպով սկսաւ գործել, բայց անկէ ետքը երկարակեաց չեղաւ, եւ սպարապետութեան պաշտօնը յանձնուեցաւ Սմբատի եղբօր Շապուհին:

689. ՍՄԲԱՏ ԵՒ ԱՓՇԻՆ

Պահ մը ոգի առաւ Սմբատ այն շփոթութիւններէն, որ իր հօրեղբօր Աբասի երեսէն վրդովեցին իր թագաւորութեան առաջին օրերը: Ամիրապետէն ճանչցուած, Աբասը ընկճած, իշխաններէն ընդունուած, եւ հայրապետական տագնապը վերջացուցած, Սմբատ ուզեց Յունաց հետ ալ բարեկամական յարաբերութիւնները նորոգել, ինչպէս որ իր հօր ժամանակէն սկսուած էր: Յատուկ դեսպանութիւն մը ղրկեց Կոստանդնուպոլիս ընծայիւք բազմօք եւ նուիրական պատարագօք, իր թագաւորութիւնը ծանուցանելով եւ իր բարեկամութիւնը վկայելով Լեւոն Զ. կայսեր, որ Իմաստասէր կոչուեցաւ, իր ուսումնական արժանեաց համար: Լեւոն ալ փոխադարձաբար մեծամեծ ընծաներ կը յղէր Սմբատի, գեղեցիկ զինուց եւ զարդուց, եւ ոսկեհուռ հանդերձ զգեստուց, եւ ըմպակս եւ բաժակս, եւ կամարս ականակապս ի համակ ոսկւոյ (ՅՈՎ. 200), Յոյներուն համար անսովոր առատաձեռնութեամբ, զի չէ սովորութիւն Հոռոմոց առատ լինել, այլ Լեւոն որդի Հայու էր, եւ աւելի քան զՀայ առատատուր (ԱՍՈ. 146): Հայերու եւ Յոյներու իրարու մօտենալը լաւ տպաւորութիւն չըրաւ Ատրպատականի ոստիկանին, որ եղած էր թագատու Սմբատայ: Անոր անունը կը գրուի սովորաբար Ափշին, եւ կը կոչուի որդի Սաճի (ԱՍՈ. 148), իսկ ուրիշ տեղ գրուած է Աւշին որդի Ապուսեճի (ԱՐԾ. 261): Թերեւս ազգական է Աֆշինի, որ Բաբանի ապստամբութիւնը նուաճեց 638): Իսկ Անեցին, Սած կամ Ապուսէծ հայրանունը կը նոյնացնէ Ապուսէճթ կամ Ապուսէթ անունին հետ, եւ Մշոյ մէջ սպաննուած Եուսուֆ Ապուսէթ ոստիկանին 644) զաւակներ կը կարծէ այդ Ափշինը, եւ Յուսափը զոր պիտի տեսնենք աւելի ետքը (ՍԱՄ. 96): Կիրակոս ալ նմանօրինակ ակնարկ մը կ՚ընէ չարին Ապուսէթայ անունը տալով (ԿԻՐ. 46): Սմբատ լուր առաւ Ափշինի մտադրութեան վրայ, թէ կ՚ուզէ զէնքով իր վրայ քալել, ուստի ինքն կանխեց եւ երեսուն հազարով յառաջացաւ մինչեւ Ռոտոկաց գաւառը, հաւանաբար Փայտակարանի Ռոտիբաղա գաւառը, Ատրպատականի մօտերը, եւ այնտեղէն պատգամաւոր ղրկեց Ափշինի, թէ Յունաց հետ յարաբերութիւն հաստատելով նպատակ ունի ամիրապետութեան երկիրները ճոխացնել, եւ դիւրացնել այն ընտիր ապրանքներու առեւտուրը, զորս Յոյներ կը պատրաստեն եւ Արաբացիք կը սիրեն ունենալ: Սմբատ իր խօսքին ոյժ տալու համար պարգեւս թագաւորականս կը ղրկէր ոստիկանին, եւ Ափշին թէ' գրուած բացատրութեան անսալով, եւ թէ' իր վրան եկող բանակէն ակնածելով, կը զիջանէր: Ափշին ու Սմբատ կը տեսակցէին եւ սիրով կը բաժնուէին: Սմբատ Ափշինը հանդարտեցնելէ ետքը կը քալէր Դուինի վրայ, ուր Մահմէտ եւ Ումայի, այլազգի իշխաններ չէին ուզեր Սմբատի իշխանութիւնը ճանչնալ, բայց չկրցան դիմադրել եւ Սմբատ պատերազմով գրաւեց քաղաքը յաւուր մեծի ուրբաթին (ԱՍՈ. 147), որ 892-ին կ՚իյնար Ապրիլ 21-ին: Իսկ երկու գլխաւորներ փախած ատեննին ձերբակալուեցան, եւ տոռամբք կապանաց եւ վարոցօք տանջեալ, երկաթի շղթայիւք Լեւոն կայսեր ղրկուեցան (ՅՈՎ. 202), որ Սմբատի կողմէն գրգռիչ ցոյց մըն էր Արաբացւոց դէմ: Սմբատ Դուինի յաղթական, իր իշխանութիւնը կը հաստատէր եւ կ՚ընդարձակէր հիւսիսային կողմերը, ուր արդէն գացած էր իր հօրը ժամանակ, եւ Կարինէն դէպի Կղարջք, այժմ Շաւշէթ, անկէ դէպի Կովկաս, Տփղիս ու Ալանաց դուռն ալ մէջը ըլլալով, բոլոր այդ կողմերը իրեն կը հպատակեցնէր (ՅՈՎ. 203): Այս պարագային պէտք է կցել Տիեզերակալ մականունը որ Սմբատի դրուեցաւ (ՍԱՄ. 96), բայց յետոյ աւելի գործածական եղաւ Նահատակ մականունը իր մարտիրոսական մահուամբը: Անգամ մըն ալ Սմբատ իր երկրին խաղաղութիւնը ապահոված կը կարծէր:

690. ԴՈՒԻՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ

Բայց այս անգամ ալ բնական հարուած մը կու գար խանգարել երկրին հանդարտութիւնը, Դուինի մեծ երկրաշարժը, որ տեղի ունեցաւ յերրորդ ամի թագաւորութեան Սմբատայ (ԱՐԾ. 259), այսինքն է 893-ին, թէպէտ եւ Անեցին մինչեւ 898 կը յետաձգէ (ՍԱՄ. 96): Այս երկրաշարժը սաստկագոյն կ՚ըսուի քան Զաքարիայի օրով 863-ին տեղի ունեցած երկրաշարժը (ԱՐԾ. 259), որ երեք ամիս տեւած էր 664): Դուին ի հիմանց տապալեալ կործանեցաւ, տեղիք սրբութեանց զշարժման կիրս կրեցին, 70. 000-է աւելի մարդիկ կորսուեցան (ԱՐԾ. 259), որոնց թաղումը անհնար լինելով, ի վիհս եւ ի խորափիտս կը նետուէին, եւ աղեկտուր տեսարաններ տեղի կ՚ունենային, զորս Պատմաբանը յառաջ կը բերէ իբրեւ ականատես (ՅՈՎ. 205): Գէորգ կաթողիկոս ալ, որ Դուինի մէջ կը գտնուէր, կաթողիկոսարանի կործանումէն հազիւ ազատած, կու գայ բնակիլ Վաղարշապատի մօտ Զուարթնոց եկեղեցին, այլ Գրիգոր Ռշտունեաց եպիսկոպոս եւ իրեններէն ոմանք փլատակներու ներքեւ գերեզմանացան (ԱՐԾ. 260): Դուինի երկրաշարժը կրցաւ իբրեւ աստուածային պատուհաս սեպուիլ ամբարիշտ քաղաքին դէմ, վասնզի Դուին մեծամասնութեամբ իսլամներու բնակութիւն էր դարձած, ուր ամէն տեսակ անկարգութիւնք համարձակ կը գործուէին, բայց քրիստոնէից վիշտի պատճառ կ՚ըլլար, որ իրենցմէ ալ բազմաթիւ անձեր եւ իրենց սրբավայրեր միասին վնասուած էին: Ասոնց հոգեւոր մխիթարութեան համար Մաշտոց վարդապետ Սեւանի անապատէն գիր մը ղրկեց, զոր Պատմաբանը ամբողջութեամբ յառաջ կը բերէ (ՅՈՎ. 205-209), եւ ուր Մաշտոց սուրբ գիրքէն օրինակներով, եւ ընդհանուր աշխարհի գործերը բացատրելով կը յայտնէ, թէ աստուածային նախախնամութիւնը կը ներէ կորուսանել զարդարն ընդ ամբարշտին, նախ որ ոչ է արդար եւ ոչ մի, եւ յետոյ որ հնար չէ այդ պատուհասներու մէջ անձերը զատել, եւ երբեմն արդարներ զբաժակ պատուհասին ի միասին ըմպեն, ինչպէս եւ մեղաւորներ զբարութիւնս ի միասին վայելեն: Իսկ Պատմաբանը կը յաւելու, թէ մենք քրիստոնեայք ալ` ոչ ելեալք ի Յեգովրայ, խոռնակեցաք ընդ Հագարացիսն եւ ուսաք զգործս նոցա (ՅՈՎ. 209):

691. ԳԷՈՐԳ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ

Ափշին ոստիկան թէպէտ անգամ մը Սմբատի հետ հաշտութիւն խօսած, սակայն սիրտը վստահ չէր Սմբատի վրայ, ինչպէս Սմբատ ալ իրեն չէր վստահանար, եւ ձանձրանալով Ատրպատականի ոստիկաններուն անճահ միջամտութիւններէն, հետամուտ էր ուղղակի ամիրապետէն կախում ունենալ, եւ Ատրպատականի ոստիկաններուն Հայաստանի վրայ գերիշխանութիւնը դադրեցնել տալ: Հարկաւ Դուինի Արաբացիներուն վրայ տարած յաղթութիւնն ու հիւսիսային երկիրներու տիրապետութիւնը 689), Ափշինը գոհ ձգելու պարագաներ չէին: Ուստի կրկին զօրաժողովի սկսաւ, եւ Սմբատի կասկածը չզարթուցնելու համար` տարբեր կողմ արշաւելու ձայներ հանեց, բայց յանկարծ երեւեցաւ Նախիջեւանի մօտ եւ մինչեւ Դուին յառաջացաւ, երբ Սմբատ դեռ անպատրաստ էր: Սմբատ Արագածի ամուր լեռնակողմը քաշուեցաւ, եւ այնտեղ համախմբելու կանչեց Հայ իշխաններու գունդերը, եւ հիւսիսային ազգերու օժանդակ խումբերը: Գէորգ կաթողիկոս նորէն մէջտեղ ինկաւ հաշտարարի վեհ դերը վարելու, եւ ինքնայորդոր ճամբայ ելաւ դէպի Դուին Ափշինը դիմաւորելու, եւ զայն համոզելով խնամարկել բանաւոր հօտի Տեառն, որպէսզի երկրին հարուածը հեռանայ: Ափշին պատուով ընդունեցաւ կաթողիկոսը, եւ հաւանութիւն ալ յայտնեց ամենայն ինչ խաղաղութեամբ վերջացնել, եթէ Սմբատ գայ անձամբ բանակցելու: Արդարամիտ եւ պարզ սրտիւ այրն Աստուծոյ, կաթողիկոսն միտքէն իսկ չանցուց թէ դաւաճանութիւն էր ոստիկանին միտքը, եւ յանձն առաւ երթալ Սմբատը առնել եւ մէկտեղ դառնալ: Բայց Սմբատ եւ նախարարներ Գէորգի զգացուցին, թէ նենգաւոր թակարդ մըն է առաջարկը, եւ չհամակերպեցան, եւ բազում անգամ աղաչեալ` կաթողիկոսին ալ զգացուցին որ չդառնայ, այլ նա խօսք տուած ըլլալը առարկելով, եւ թերեւս ալ ուրիշ կերպով մը Ափշինը կասեցնել յուսալով, պնդեց ու դարձաւ, բայց անմիջապէս բանտարկուեցաւ ի շղթայս եւ ի ձեռակապս երկաթիս: Ափշին իր գունդը առաջ քալեցուց մինչեւ Արագածոտնի Դողս գիւղը: Երեք օր ետքը ճակատամարտը սկսաւ, եւ Հայեր զօրացան, եւ Ափշին յաղերս մատուցեալ հաշտութիւն կնքեց, գոհանալով հարկին իր միջնորդութեամբ վճարուելուն պայմանովը: Երկու կողմէն բարեկամութեան երդումներ տրուեցան, ընծաներ ալ փոխանակուեցան, եւ Ափշին մեկնեցաւ առանց կաթողիկոսը արձակելու, այլեւ հասարակ կապելոց պէս վարուեցաւ անոր հետ, եւ ոչ իսկ խմելու ջուր տալու կամ ձեռքը ջուր թափելու համար սպասաւոր մը քովը տալով (ՅՈՎ. 213): Երկու ամիս կրեց Գէորգ այդ խիստ բանտարկութիւնը: Ափշին զայն իրեն հետ ալ կը պտըտցնէր իր շրջագայութեան մէջ մինչեւ Փայտակարան քաղաքը (ՅՈՎ. 214), որով կ՚իմացուի Աղուանից Պարտաւը: Եղած դիմումներու վրայ հազիւ հաճեցաւ գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ իբր փրկանք ընդունելով արձակել: Թագաւորն ու նախարարներ ու եպիսկոպոսներ պահանջուած սակը հաւաքելով հասցուցին Արեւելից կամ Աղուանից իշխան Համամի, որ ինքն ալ իր կողմէն գումարին վրայ մաս մը աւելցնելով, Ափշինի վճարեց, եւ կաթողիկոսը ընդունելով` անոր հանգստութեան եւ պատւոյն համեմատ` ինչ որ պէտք էր կատարեց, եւ փառաւոր կերպով դարձուց իր աթոռը, որով բոլոր ժողովուրդը առլցան խնդութեամբ բազմաւ, եւ ամէն եկեղեցիներու մէջ զտէրունեան կանոն աղօթիցն կատարեցին գոհաբանութեան համար (ՅՈՎ. 215): Պէտք է դիտել տանք որ Պատմաբանը փրկանքին վրայ խօսած ատեն զգացուցեալ մեզ եւ առաքեցաք բացատրութիւնները կը գործածէ, որով կը հաստատուի թէ կանուխ Գէորգի օրէն ինքը` Յովհաննէս Պատմաբան` Մաշտոցի աշակերտութենէն մեկնած, եւ Գէորգ կաթողիկոսի մօտ պաշտօնի մտած էր, եւ գուցէ ինքն իսկ էր առանց անունը տալու եպիսկոպոս դրան կոչուած անձը (ՅՈՎ. 214): Այդ վերջին եղելութիւնները ի դէպ է դնել 894 տարւոյն ընթացքին մէջ:

692. ԱՊՈՒՄՐՈՒԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Որչափ ալ խիստ պատահարներ ժամանակին Հայ իշխանները կը ստիպէին իրարու հետ միաբանութեամբ եւ գործակցութեամբ` արտաքին թշնամեանց դիմադրել, պատմութիւնը ընդհակառակն անոնց մրցակցութեան տխուր հետեւանքները միայն կը պարզէ մեր առաջ: Դերենիկի երեք զաւակները` որք Գագիկ Ապումրուանի խնամակալութեամբ իրենց հօրը յաջորդած էին 683), դեռահաս երիտասարդութեան թեւակոխելնուն ինքնուրոյն իշխել ուզեցին, երկիրը իրենց մէջ բաժնեցին, Աշոտ առաւ Վասպուրականի կեդրոնը, Գագիկ Ռշտունիքը, եւ Գուրգէն Աղբակը` իրենց շրջականերով (ԱՐԾ. 261): Աշոտ աւելի առաջ մղելով իր ձգտումները, ելաւ Ափշինի մօտ գնաց առատ ընծաներով թագաւորական աստիճանի հասնիլ փափաքելով (ՅՈՎ. 216): Անոր օրինակէն քաջալերուելով Գրիգոր Սուփան Սիւնեաց իշխանն ալ նոյն միտքով Ափշինի դիմեց (ՅՈՎ. 217), բայց Ափշին ընծաները առնելով փոխադարձ ընծաներով ետ դարձուց, առանց փափաքնին կատարելու: Սուփան զղջացեալ զփեռեկտիլն ի միաբանութենէ արքայի, նորէն Սմբատի հետ հաշտուեցաւ, բայց Աշոտ ետ չէր կենար իր ձգտումներէն: Գագիկ Ապումրուան տհաս իշխաններուն վտանգաւոր ընթացքը տեսնելով, Սմբատէ ալ քաջալերուած (ԱՐԾ. 262), երեքն ալ ձերբակալեց, Աշոտը Նկան, Գագիկը Սեւան, եւ Գուրգէնը Կստոր բերդերուն մէջ փակեց, եւ ինքն բոլոր Վասպուրականի տիրապետեց (ԱՐԾ. 264): Միւս կողմէն Մուշեղ Մոկաց եւ Գուրգէն Անձեւացեաց իշխաններ իրարու դէմ ելած էին. Մուշեղ պատերազմին մէջ սպաննուեցաւ (ՅՈՎ. 223), եւ իրեն յաջորդեց որդին Գրիգոր (ԱՐԾ. 276): Գուրգէն որսի ատեն ձիէն իյնալով մեռաւ, եւ տեղը անցաւ որդին Ատոմ (ՅՈՎ. 223): Ապումրուանէ դժգոհ Վասպուրականի նախարարներ, Յիսէ Տրունի որդի Հոնաւարայ, Վարազշապուհ Աբեղեան, Թադէոս Ակէացի որդի Շերեփայ, եւ ուրիշներ, Ատոմ Անձեւացիին մօտ երթալով պատերազմի ելլել կը խորհէին: Բայց Ապումրուան անոնց խորհուրդը ցրուեց, եւ Անձեւացեաց ու Մոկաց իշխաններուն վրայ ալ իր ազդեցութիւնը տարածեց, եւ Վասպուրականցիք պարտաւորուեցան հեռանալ եւ Տարոնի Գուրգէն իշխանին մօտ ապաւինիլ (ԱՐԾ. 265): Բայց Տարոնն ալ լաւագոյն վիճակ չունէր: Ահմատ որդի Յիսէի որդւոյ Շեխայ, ոստիկան անունով ինքնագլուխ կը տիրէր Միջագետքի եւ Ասորիքի վրայ, եւ կ՚ուզէր Հայաստանն ալ իրեն ներքեւ նուաճել: Նախ գրաւեց Աղձնիքն ու Սասունը, ձերբակալելով Ապլմախր իշխանը, Արծրունեաց փեսան, որ արտաքուստ ուրացեալ ի ծածուկ ունէր զհաւատ քրիստոնէութեան: Անկէ անցաւ Տարոն, ուր Դաւիթ կուրապաղատի յաջորդած էր եղբօրորդին Գուրգէն, եւ պատերազմի մէջ սպաննուեցաւ (ՅՈՎ. 219): Ահմատ կը պատրաստուէր բոլոր Հայաստանը գրաւել, ուստի Սմբատ պէտք զգաց անոր դէմ ելլել, Հայ իշխաններու, եւ գլխաւորաբար Գագիկ Ապումրուանի նիզակակցութեամբ: Նախ պահանջեց որ Տարոնէ քաշուի, եւ յանձնէ զայն Դաւիթ կուրապաղատի Աշոտ որդւոյն (ԱՐԾ. 266), եւ երբ Ահմատ ընդդիմացաւ, 60 հազարի (ՅՈՎ. 219) կամ 100 հազարի (ԱՐԾ. 266) բանակով իջաւ Տարոնի կողմերը: Ապումրուան թագաւորութեան խոստումով Ահմատէ շահուած էր, ուստի սխալ ճամբաներով Սմբատի բանակը Ապահունեաց կողմերը ժայռոտ եւ մացառուտ եւ անջուր կողմերը թափառեցուց, մինչեւ որ Թուխ գիւղին մօտ Ահմատի բանակին մատնեց: Տակաւին Սմբատի կողմը անզուգական քաջութեամբ կը դիմադրէր, երբ Ապումրուան իրեններով փախուստ կեղծեց, միւսներն ալ ստիպուեցան ցրուիլ, եւ Սմբատ ալ Բագրեւանդ ապաւինեցաւ (ՅՈՎ. 221):

693. ԱՓՇԻՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Սմբատի պարտութիւնը եւ Հայոց երկպառակութիւնը նորէն սրեցին Ափշինի ձգտումները, եւ նորոգեցին քանիցս չյաջողած Հայաստանի գրաւման դիտումը: Ամիրապետութեան գահին վրայ 892-ին Մըթամէտ-Պիլլահի յաջորդած էր իր եղբօրորդին Մըթագէտ-Պիլլահ, իր բուն անունով Ահմէտ-Ապուլ-Ապպաս, խաղաղասէր եւ շինարար անձնաւորութիւն մը, որ ամուլ պատերազմներէ խորշելով ոստիկաններուն ինքնագլուխ իշխանութեանը չէր հակառակեր, որպէսզի ժողովուրդը հանդարտութեան մէջ բարօրութիւն գտնէ (ՎԵՐ. 455), մինչ ոստիկաններ իշխանութիւններ ընդարձակելու դիտմամբ պատերազմները կը շարունակէին: Հայաստան Ատրպատականի եւ Միջագետքի ոստիկաններուն հաւասարապէս ախորժելի բաժին մըն էր: Ափշին, որ զպարսկային հարստութիւնն հզօրապէս յաղթութեամբ ի գլուխ եհան, ձեռնամուխ ախորժեաց լինել ի վերայ Հայոց, եւ իբր օգտակար միջոց, նախ անոնց պառակտումը կը քաջալերէր, եւ առատ խոստումներով Սմբատէ բաժնելով իրեն կողմ կը շահէր (ԱՐԾ. 262): Գագիկ Ապումրուան Ահմատի հետ կատարած մեծ նենգութենէն ետքը, Ափշինի հետ ալ համաձայնութեան կը հետամտէր, եւ Վանայ մէջ զուարճանայր զուարթանայր ի խրախ լինել, եւ պատմուճանեալ արքունական զգեստիւ` իր փառքերը կ՚երազէր (ՅՈՎ. 222), երբոր ամէն բան իրեն համար վերջացաւ: Երեք երիտասարդ իշխաններէն Գագիկը` պահէր ընդարձակի հանեալ ի կապանաց բանտին Սեւանի. Գագիկ առիթէն օգտուեցաւ, եւ Շապուհ ու Վահան ու Սարայ Ամատունի եղբայրները եւ Ապուսակր Վահունին, եւ ուրիշ երիտասարդներ ալ իրեն հետ միաբանելով (ԱՐԾ. 267)Ապումրուանի վրայ յարձակեցան եւ սպաննեցին, երբ սա հեծեալ ի ջորւոջ իւրում ճախր առեալ ճեմէր եւ ի ձիընթացիկ ասպարէզն զգնայր (ՅՈՎ. 222): Գագիկ շուտով եղբայրները ազատեց Նկանի եւ Կոտորի բերդերէն 692), եւ միասին տիրեցին իւրեանց բնիկ իշխանութեանն: Սմբատ գոհ մնաց Ապումրուանի վրայ կատարուած վրէժխնդրութենէն, եւ երեքն ալ պատուեց, Աշոտը իշխանութեան, Գագիկը զօրավարութեան եւ Գուրգէնը մարզպանութեան աստիճաններով (ԱՐԾ. 268): Մինչ այս մինչ այն, Ափշին իր մտադրութիւնը կը գործադրէր, եւ հիւսիսային կողմերը կ՚երթար Ուտէացւոց եւ Գուգարաց եւ Վրաց իշխանները շահելու, բայց չյաջողելով իջած էր Վանանդ, Սմբատին վրայ քալելու: Իսկ սա կ՚ապաւինէր յամուրս քարաժայռ ձորոյն Խորոփեաց Տայոց, իր կինը եւ նուն, ազատագունդ կիները եւ արքունական գանձերը Կարսի բերդին մէջ կ՚ապահովէր, եւ Հասան Գնթունի նախարարը հրամանատարութեան կը կարգէր (ՅՈՎ. 225):

694. ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՓՈԹՆԵՐ

Ափշին յարմարագոյն սեպեց Կարսը գրաւել, եւ այնչափ սաստկացուց պաշարումը, որ Հասան Գնթունի պարտաւորուեցաւ անձերու ազատութեան պայմանով անձնատուր ըլլալ. իսկ Ափշին զբազմութիւն ռամկին ազատ կը թողու, այլ թագուհին ու հարսը ու ազատ կիները ու Հասան հրամանատարը կը պահէ, եւ զգանձս եւ զկարասիս ալ միատեղ առնելով Դուին կը տանի (ՅՈՎ. 226), ուստից յետոյ Պարտաւ անցած կ՚երեւի (ԱՐԾ. 269): Պատմաբանը կը վկայէ թէ Ափշին յաւէտ իմն զմեծարանս պատուասիրութեան ցուցնել կ՚ուզէ իր գերիներուն (ՅՈՎ. 226), որով չ՚արդարանար ուրիշներուն ողորմելի տեսակաւ տարած ըսելը (ԱՍՈ. 148): Կարսի պաշարման վերցուելուն լուրին վրայ, Սմբատ այն կողմերը կու գայ, բայց յուսախաբ կը մնայ, եւ որովհետեւ ձմեռը հասած էր, Երասխաձորին մէջ Կաղզուան բերդը կը քաշուի ձմերել, եւ այնտեղէն կը սկսի Ափշինի հետ բանակցութեանց: Դեսպաններու երթեւեկը կ՚երկարի երկուքին մէջ, որովհետեւ ի միմիանս հարկանել թափել ջանային զմեղադրութիւն իրին գործելոյ, եւ վերջապէս հաշտութիւն կը կնքուի, Սմբատի որդին Աշոտը, եւ Սահակ եղբօրը որդին Սմբատը` պատանդ, եւ Շապուհ եղբօր աղջիկը կնութեան տալով Ափշինի: Սմբատ պարտաւորուեցաւ այդ պայմաններուն զիջանիլ, որովհետեւ չէր տեսներ զհարթայարմար միաբանութիւն նախարարացն ընդ ինքեան (ՅՈՎ. 227): Շապուհ սպարապետ եւ արքայեղբայր անձամբ տարաւ իր աղջիկն ու եղբօրորդիները հաւանաբար ի Պարտաւ, եւ լաւ ընդունելութիւն գտաւ (ԱՍՈ. 148), եւ միասին զհարսանեաց պարս պարեցին եւ զկաքաւսն կաքաւեցին (ՅՈՎ. 228), եւ Շապուհ դարձաւ Ափշինէ ընծաներ բերելով եւ հաստատելով զթագաւորութիւն Սմբատայ (ԱՍՈ. 148): Բայց Ափշին Սմբատի սահմաններէն չմեկնեցաւ, եւ ոչ կամեցաւ գնալ ի դառնաշունչ ձմեռնային ժամանակին (ՅՈՎ. 228): Նոյն պատճառով կ՚երեւի թէ թագուհւոյն գերեդարձն ալ կը յետաձգուէր, վասնզի Ափշին զայն ճամբայ կը հանէր, երբ ձմերային սգաւորութիւնն ի գարնանային բարեխառնութիւն օդոց յեղանակէր, իսկ հարսը կ՚երեւի թէ իր ամուսնոյն` պատանդ տրուած Աշոտ արքայորդւոյն հետ մնաց (ՅՈՎ. 229), երբոր Ափշին Ատրպատական դարձաւ: Երբոր Ափշին Սմբատի դէմ կը գործէր, աչքէ չէր վրիպեցուցած Արծրունի երեք իշխանները, եւ զանոնք փոխ առ փոխ իրեն մօտ կը հրաւիրէր դաւաճանելու դիտմամբ: Վերջին անգամ Գուրգէն էր, որ դաւը իմանալով հազիւ կը յաջողէր փախչիլ Շապուհ Ամատունիի օգնութեամբ: Այն ատեն Արծրունեաց դէմ ալ գունդ կը ղրկէր` Սափի անուն ուրացեալ յոյնի մը գլխաւորութեամբ, եւ Արծրունի իշխաններ դէպի Աղբակ կը քաշուէին: Ձմեռուան մէջ ալ գունդ կազմելով` ետ կը դառնային Մարդաստան գաւառի Համբոյրազան աւանի մէջ հաստատուած Արաբական գունդը հալածելու, բայց յոգնած ու ցուրտէն նեղուած վիճակի մէջ, չէին յաջողեր, եւ բաւական գերիներ կը թողուին, որոնք Ափշինի կը ղրկուէին եւ անոր հրամանով կը սպանուէին, միայն Արշակ Վարաժնունին կ՚ազատէր Ափշինի նոր կնոջ Շապուհի աղջկան միջնորդութեամբ (ԱՐԾ. 270): Այդ ձմեռը, յորում անգամ մըն ալ Ափշին ու Սմբատ հաշտուեցան, պէտք է համեմատենք 896-է 897 ձմեռուան, որ կը պատասխանէ Հայոց 345 տարուոյ վերջին մասին: Այս հաշուով Կարսի պատերազմը տեղի ունեցած կ՚ըլլայ 896-ի, եւ Թուխի պատերազմը 895-ի ամառնային միջոցներուն:

695. ԳԷՈՐԳԻ ՄԱՀԸ

Ժամանակագրական կարգը կը հասցնէ մեզ Հայոց 346 տարւոյն, որուն ամանորը կ՚իյնայ 897 Ապրիլ 16-ին, եւ որուն ընթացքին մէջ հետզհետէ երեք կաթողիկոսներ, ԳԷորգ Բ. եւ Մաշտոց Ա. եւ Յովհաննէս Ե. հայրապետական աթոռի վրայ գտնուեցան: Պատմաբանը թուականներ նշանակելու սովորութիւն չունի, Ասողիկ է որ Գէորգի մահը կը դնէ 346 թուին (ԱՍՈ. 146), եւ նոյն 346 թուին կը դնէ եւս Յովհաննէսի ընտրութիւնը (ԱՍՈ. 147): Թէպէտ Արծրունին 347-ին կը դնէ Գէորգի մահը (ԱՐԾ. 273), սակայն վերջին օրեր Գառնիի մէջ գտնուած Մաշտոցի գերեզմանը` վճռական կերպով խնդիրը կը պարզէ, քանի որ յստակ կերպով կարդացուած է անոր վրայ. ՅԽԶ ԹՎ Ի ՔՍ ՓՈԽԵՑԱՒ ՏՐ ՄԱՇՏՈՑ(ԲԲԳ): Միւս կողմէ Մաշտոցի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը բացայայտ կերպով ճշդուած է ամիսս եօթն միայն (ՅՈՎ. 230), որով իրաւունք կ՚ունենանք 897-ի ամառուան սկիզբը դնել Գէորգի մահը, եւ 898-ի սկիզբները Յովհաննէսի ընտրութիւնը: Գէորգ իր մահուան ատեն կը գտնուի ի Վասպուրական, եւ որովհետեւ նա ոչ Սմբատի հետ գժտած եւ ոչ Սմբատէ բաժնուած էր, կը մնայ միայն ըսել, թէ Արծրունի իշխաններուն շփոթ կացութիւնը եւ անոնց մէջ տիրող պառակտումներն էին, որ ծերունի հայրապետը ստիպած էին այն կողմերն երթալ, եւ իր հեղինակաւոր ձայնով համերաշխութիւն եւ գործակցութիւն հաստատել: Դուինի երկրաշարժէն ետքը Գէորգ եկած էր Վաղարշապատ բնակիլ 690), բայց հայրապետանոցը իր հաստատուն տեղը կորսնցուց, եւ Գէորգ աստանդական դիրքի պարտաւորուեցաւ: Նախընթաց յօդուածներու մէջ քիչ մը ընդարձակօրէն պատմեցինք պատերազմներու եւ պառակտումներու քաղաքական եղելութիւնները, որք թերեւս օտար էին եկեղեցական պատմութեան պահանջներէն: Բայց կամաւ մտանք մենք այդ մանրամասնութեանց, որովհետեւ անոնք պիտի տային մեզի Գէորգ կաթողիկոսի վերջին տարիներուն գործունէութեան կերպարանը: Գէորգ բոլոր իր ընթացքը երկրին քաղաքական վերանորոգման յատկացուց, եւ եթէ մէկ կողմէն բարեբախտ եղաւ Հայոց նորոգեալ թագակապ իշխանութեան օրհնողն ու նուիրագործողն ըլլալ, եւ երկու արժանաւոր անձերու գլուխները արքունի թագով պսակել, միւս կողմէն չարաչար եւ բուռն նեղութեանց ալ մատնուեցաւ իր մշտնջենաւոր հաշտարարի դերին մէջ, թէ ներքինները իրարու եւ թէ ներքինը արտաքինին հետ կապելու: Վերջին տարիներու դիպուածներն ալ, ինչպէս են Ապումրուանի նենգամիտ գործերը, Արծրունեաց փոխադարձ հակառակութիւնները, Ափշինի բռնական ձեռնարկները, արքայեղբօր աղջկան բռնակալի մը հաճոյից յանձնուիլը յանօրէն ամուսնութիւն (ԱՐԾ. 271), ասոնք ամէնքը հարկաւ անտարբեր պիտի չթողուին Գէորգի պէս բարեսէր եւ բարեսիրտ եւ բարեացակամ զգացում ունեցող մէկ մը, արդարամիտ եւ պարզ սրտիւ այր Աստուծոյ ըսուելու չափ փափկազգաց եւ փափկանկատ: Վասպուրականի որ քաղաքը վախճանած ըլլալը գրուած չէ, միայն թէ յիշուած է թաղման տեղը` ուր տարեալ համախումբ քահանայից եւ իշխանաց աշխարհին եդին բազմաշխատ ծերունւոյն մարմինը, որ է Վանայ մօտ եղող Ձորովանքը (ՅՈՎ. 228), Ահեւականք եւ Կոխպանք գիւղերու մէջտեղը, Ս. Հռիփսիմէի Լուսաւորչաշէն եկեղեցւոյն մօտ (ԱՐԾ. 241), ուր կը պահուէր Լուսաւորչի գաւազանը եւ շարժական սեղանը (ՅՈՎ. 228), եւ է այժմեան Սալնապատի Ս. Գրիգոր վանքը` Կոխպանց գիւղին մօտ: Հաւանական կ՚երեւի որ մահը Վանայ մէջ եղած ըլլայ: