Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Գ. ՍԵՒԱՆՑԻ

772. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՈՒ ՎԱՀԱՆ

Վահանի գործը քննելու համար գումարուած Անիի ժողովը, բաւական չսեպեց անոր գահընկէցութիւնը հռչակել, այլ գործը լրացեալ վիճակի վերածած ըլլալու համար, փութաց յաջորդ մը նշանակել, հրամանաւ Աշոտայ թագաւորի եւ Վահանի ամէն յոյսերը կտրել: Այդ շուտափոյթ ընտրութեան գրգիռ տուած է Վահանի փախուստը, վասնզի յայտնապէս գրուած է, թէ իբրեւ գիտացին զերթն նորա, լուծին զՎահան, եւ կարգեցին ի տեղի նորա զայլ ոմն կաթողիկոս (ՕՐԲ. Բ. 33): Նորընտիրը եղաւ Ստեփանոս Սեւանի վանահայրը, ժողովին ներկայ եղողներէն մէկը 770), որ նախադասուած է հարկաւ աւելի անկողմնակալ մէկ մը եղած ըլլալուն համար: Իսկ Խաչիկ Արշարունեաց եպիսկոպոսը, որ ներկաներուն մէջ առաջին նշանակուած է (ԱՍՈ. 168), որ եւ յետոյ կաթողիկոսութեան բարձրացաւ, եւ Վահանի դէմ ելլողներուն գլխաւորը եղած պիտի ըլլայ, խոհեմութեամբ ետ կեցած կ՚երեւի անձնական շահու կասկած տուած չըլլալու համար: Ստեփանոսի ընտրութեան մասին կը յիշատակուի, թէ էր հարազատ արեան սրբոյ առնն Աստուծոյ Մաշտոցի (ՍԱՄ. 101), եւ մենք դիտել տուինք արդէն 745), թէ վերջին յաջորդութեանց կամ ընտրութեանց մէջ նկատի կ՚առնուէր ազգակցութեան կապը, եւ Ստեփանոս երկու կաթողիկոսներու, Մաշտոցի եւ Յովհաննէսի ազգական եղած կ՚ըլլար միանգամայն: Միւս կողմէն կը հաւաստուի թէ էր հետեւեալ վարուց նորա (ԿԻՐ. 49), այսինքն Մաշտոցի զոր արդէն նկարագրեցինք իբրեւ կատարելապէս սրբակրօն մէկ մը, մինչեւ անունը Յայսմաւուրքին մէջ յիշատակելեաց կարգը անցնելու արժանացած 697): Աշոտի եւ Անիի ժողովին դիտումը, որ էր նոր ընտրութեամբ խնդիրը վերջացնել, իր արդիւնքը չունեցաւ: Վասնզի Աբուսահլ Վասպուրականի թագաւորը, որուն մօտ ապաստանած էր Վահան Սիւնի գահընկէց կաթողիկոսը, ուղղակի անոր պաշտպանութիւնը ստանձնեց, օրինաւոր կաթողիկոս ճանչնալով զայն եւ չընդունելով Ստեփանոսի ընտրութիւնը, եւ քաջալերելով Վահանը իր հայրապետական իշխանութեան իրաւունքները գործածել: Վահան իր բնակութիւնը հաստատեց Վանայ մօտ, ի վանսն որ կոչի Ձորոյվանք (ՕՐԲ. Բ. 33), այժմեան Սալնապատը, ուր իրմէ առաջ ապաստանած էին եւ թաղուած էին Գէորգ Գառնեցին 695) եւ Յովհաննէս Դրասխանակերտացին 733), եւ չենք իմանար թէ ինչո՞ւ չուզեց հաստատուիլ Աղթամարի մէջ, որ մինչեւ իսկ Անանիայի օրով բուն հայրապետանոցը եղած էր: Վահան համարձակեցաւ մինչեւ իսկ Անիի ժողովին մասնակցողներուն դէմ նզովք արձակել, որ հարկաւ Ստեփանոսի եւ Աշոտի եւ բոլոր Արարատի ալ տարածուած էր, եւ Ստեփանոս իր կողմէն փոխադարձաբար նոյնը ըրաւ Վահանի եւ Աբուսահլի եւ բոլոր Վասպուրականի դէմ, եւ այսպէս նզովք աստի եւ նզովք անտի, յերկոցունց կողմանց նզովիւք լցին զաշխարհս Հայոց (ԱՍՈ. 168): Մենք չենք իմանար թէ ինչ ըսել կ՚ուզէ Օրբելեան, երբ Վահանը Ստեփանոսի հետ բաղդատելով, քաւրէշ ի տեղի քաւրէշի կը գրէ (ՕՐԲ. Բ. 33), քանի որ նոյնիսկ բառը մեր բառագէտներուն ալ անծանօթ մնացած է:

773. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Այդ տեսակ շփոթ կացութեան մէջ հնար չէր օրինաւոր հայրապետական գործունէութիւն սպասել Ստեփանոսէ, եւ գրեթէ անգործ անցած է անոր կաթողիկոսութեան ժամանակը, որ զամս երկու ըսուած է ամենէն (ՕՐԲ. Բ. 33, ՎՐԴ. 89, ԿԻՐ. 49, ՍԱՄ. 101), եւ նոյնը կը քաղուի Ուռհայեցիէն ալ (ՈՒՌ. 41, 47), եւ զոր պէտք է զետեղել 969-971 տարիներու մէջ: Իրեն համար ըսուած է, թէ հովուէր զարեւմտեայ կողմն Հայոց (ԱՍՈ. 168), ինչ որ կը ցուցնէ թէ Վահան կատարելապէս կաթողիկոսութիւն կը վարէր Վասպուրականի մէջ, եւ Ստեփանոսի իշխանութիւնը կը պարփակուէր Արարատի մէջ: Սիւնիքի համար որոշ յիշատակութիւն մը չունի Օրբելեան, երբոր կը գոհանայ ըսել Ստեփանոս յԱնի եւ Վահան ի Վասպուրական (ՕՐԲ. Բ. 33), բայց այսչափով ալ յայտնի կ՚ընէ` թէ Սիւնիքի թագաւորն ու երկիրը` Սիւնի Վահանի կողմնակից չէին: Ստեփանոսի նախընթացը, Սեւանի առաջնորդութեան պարագան, եւ առաքինի ու խաղաղասէր նկարագիրը, բաւական են մեզ համոզելու, թէ ուղղամիտ նախանձայուզութեամբ գործին մէջը գտնուած, աւելի ուրիշներուն ազդեցութիւնը կը կրէր, երբոր խստութեանց եւ նզովից զէնքերով կը մաքառէր իր մրցակիցին դէմ, որ այլեւս հակառակաթոռ մը դարձած էր: Անիի ժողովին վճիռէն ետքը, Ստեփանոս փութաց երկրորդ ժողով մը գումարել կնճռոտ խնդիրը լուծելու համար, որ անշուշտ Անիի մէջ հաւաքուեցաւ, եւ որուն մասնակցեցան Արարատի եւ Սիւնիքի կողմերուն եպիսկոպոսներէն եւ վարդապետներէն զատ, նաեւ բազմութիւն կրօնաւորաց ի Տարօնոյ, ի Հաշտենից, ի Ծոփաց եւ ի Խորձենոյ (ԱՍՈ. 168), այսինքն է Տաճկաց եւ Յունաց ենթարկեալ գաւառներուն եպիսկոպոսները եւ վարդապետները, որոնք մրցակից Հայ թագաւորութիւններուն ենթարկեալ չըլլալով, իրաւախոհ հաշտարարի եւ գերագոյն իրաւարարի դերը պիտի վարէին: Ժողովին որոշումը յայտնի բառերով յիշուած չէ, բայց իբր հետեւանք կը ցուցուի, բանակցութեան մը պէտքը, զայն անձամբ կատարել յանձն կ՚առնու նոյնիսկ Ստեփանոս կաթողիկոս, առաքինական խոնարհութենէ եւ զիջողութենէ չխորշող անձ մը: Իրեն ընկերակից կ՚առնէ Մովսէս վարդապետ մը, թերեւս նոյնիսկ Մովսիսավանքին հիմնադիրը 761), եւ Բաբգէն Սիւնի վարդապետը, նպատակ ունենալով աշխատիլ ի յանդիմանութիւն Վահանայ եւ Աբուսահլի (ԱՍՈ. 169), եւ անոնք ուղիղ ճամբուն բերել: Անիի երկրորդ ժողովին թուական կրնանք նշանակել 971 տարին, վասն զի Ստեփանոսի երկամեայ կաթողիկոսութիւնը պիտի մեկնուի անշուշտ Անիի մէջ եւ իշխանութեան գլուխը անցուցած միջոցին, եւ ոչ Վասպուրականի մէջ կրած արկածներու միջոցին վրայ:

774. ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՀԸ

Ստեփանոս կրնար յուսալ իր խոնարհամիտ եւ խաղաղասէր ընթացքով հակառակ կողմը շահիլ, գուցէ եւ օրինաւոր կերպով մը աթոռէ ալ քաշուելու պատրաստ էր, եկեղեցւոյ պառակտումը եւ հայրապետութեան բաժանումը վերջացնելու համար. բայց ակնկալութեան հակառակ պարագաներու հանդիպեցաւ: Վահան եւ Աբուսահլ, եւ ոչ իսկ բանակցութեանց մտնել ուզեցին, այլ վաղէսաբար արարեալ, ոչ տեսեալ զնոսա եւ ոչ լուեալ ինչ, բռնական միջոցներու ձեռնարկեցին, ուրախանալով միայն որ հակառակորդը իր իսկ ոտքով իրենց ձեռքը կ՚իյնար: Ուստի երեք եկաւորներն ալ, Ստեփանոսն ու Մովսէսը ու Բաբգէնը, անմիջապէս հրամայեցին Աղթամար կղզւոյն մէջ փակել, եւ բանտարկել, քանի որ աքսորել բացատրութիւնը, իր սովորական իմաստով յարմար չի գար թագաւորանիստ կղզւոյն վրայ: Որոշ գրուած չենք գտներ թէ ինչչափ ատեն երեքը Աղթամարի մէջ արգելական մնացին: Պատմիչը լոկ ապա մը ունի, որ շատ անորոշ պայմանաժամ է, այլ կ՚երեւի թէ շատ երկար չտեւեց: Վահան եւ Աբուսահլ, իբր ընդհենգն, Մովսէսն ու Բաբգէնը արձակեալ ետ դարձուցին, որ երթան եղելութիւնը Աշոտի եւ Արարատի եպիսկոպոսներուն հաղորդեն, իսկ Ստեփանոս կաթողիկոսը փոխադրեցին Կոտորոց բերդը, այժմեան Քօթուրը, ուր մնաց նա բանտարկեալ, մինչեւ որ մեռաւ: Այստեղ ալ պատմութիւնը չի նշանակեր թէ ինչչափ ատեն ապրեցաւ Ստեփանոս Կոտորոց բանտարկութեան մէջ: Սակայն անյարմար չէր լիներ այդ միջոցին պատշաճեցնել, անէութիւն հայրապետական աթոռոյն ամ մի (ՍԱՄ. 101) կամ ամ մի անվերակացու լեալ (ԿԻՐ. 40) բացատրութիւնները, եւ հայրապետական աթոռին անգլուխ մնացած միջոցը տարի մը հաշուել: Աթոռը պարապ կը մնար, վասն զի Աշոտ թագաւորն ու կաթողիկոսական աթոռին եպիսկոպոսները չէին կրնար օրինաւորապէս նոր կաթողիկոսի ընտրութեան ձեռնարկել, ցորչափ կենդանի էր Ստեփանոս Սեւանցին, որուն կաթողիկոսութիւնը կը պաշտպանէին իրենք Վահանի եւ Աբուսահլի հակառակութեան դէմ: Իսկ կաթողիկոսութեան գործերը տեղակալութեան ձեռքով պէտք էր կառավարուէին. եւ աներկբայ կերպով կրնանք ըսել, թէ նոյնինքն Խաչիկ Արշարունին էր տեղակալը, որ Վահանը գահընկէց ընող ժողովին գլուխն էր, եւ որ Ստեփանոսի մահը ստուգուելէ ետքը կաթողիկոսական աթոռ բարձրացաւ:

775. ԿՐԿԻՆ ՄԱՀԵՐԸ

Անդստին հին ժամանակներէ կասկածի առիթ տուած է Ստեփանոսի մահը բանտարգելութեան միջոցին: Անհնար չէր, որ իր լցեալ տարիքին մէջ այդ չափ հակառակութեանց եւ նեղութեանց եւ խոշտանգանաց մատնուած անձ մը, բնական կերպով ալ իր կեանքը կնքէր, սակայն շատ աւելի հնարաւոր էր որ Վահան եւ Աբուսահլ իրենց ապահովութեան եւ վրէժխնդրութեան համար ուզէին Ստեփանոսը մէջտեղէն վերցնել: Այդ կասկածանաց արձագանգ եղած է պատմիչն ալ, երբ կը գրէ թէ Ստեփանոս մեռաւ ի նմին բերդին Կոտորոց, եւ կը յաւելու, ոչ գիտեմ թէ նենգութեամբ ինքեանց, այսինքն Վահանի եւ Աբուսահլի, եւ թէ այլով պատճառաւ (ԱՍՈ. 169): Բայց նկատողութեան արժանի է պատմութեան որոշակի նշանակածը թէ ի միում աւուր երկոքինքն բարձան ի միասին (ՕՐԲ. Բ. 39, ԿԻՐ. 49), թէպէտ ի միում ամի գրողներ ալ կան (ԱՍՈ. 969, ՍԱՄ. 101): Եթէ նոյն օրն ալ եղած չըլլայ, իրարու շատ մօտ եղած պիտի ըլլան երկու մահերը, քանի որ այդ զուգադիպութիւնը ամենուն կողմէն նկատողութեան արժանի եղած է: Երբոր Վահան իր մրցակիցին կորուստը կը դաւաճանէր, ասդին իրեն անակնկալ կերպով մեռնիլը, երկնային կարգադրութիւն մը կ՚ըմբռնուէր, եւ պատմիչներն ալ իբր վերին ակնարկմամբն (ՕՐԲ. Բ. 33), կամ ի հրամանէն Աստուծոյ (ԿԻՐ. 49) եղած գործ մը կ՚ընդունին եղելութիւնը: Հարկաւ Աբուսահլ ալ զգածուեցաւ այդ անակնկալ զուգադիպութենէն, եւ թերեւս իր կեանքին վրայ ալ երկիւղ կրելով, ձեռնարկեալ հակառակութենէն կասեցաւ, քանի որ գրգռողն ալ այլեւս մէջտեղ չկար, եւ այս կերպով բարձաւ խռովութիւն յաշխարհէս Հայոց (ԱՍՈ. 169), եւ դիւրին եղաւ խաղաղ եւ օրինաւոր կերպով նոր կաթողիկոսի ընտրութեան ձեռնարկել Անիի մէջ: Վահան թաղուեցաւ Ձորովանքը, Գէորգի եւ Յովհաննէսի գերեզմաններուն քովը (ՕՐԲ. Բ. 33), եւ այսպէս օրինաւոր կաթողիկոսներու պատուոյն արժանացաւ Աբուսահլի պաշտպանութեամբ: Իսկ Ստեփանոսի գերեզմանին մասին բան մը գրուած չէ, եւ հարկաւ պատուոյ ցոյց մը եղած չէ Կոտորոց բանտարկեալին, ետքէն ալ փոխադրութիւն մը կամ ուրիշ կարգադրութիւն մը յիշուած չկայ: Առանց թերեւս մեծ գործունէութեան տէր եղած ըլլալու, մեծ առաքինութեան տէր եղած պէտք է ճանչնալ դժբախտ կաթողիկոսը, որ իր հաշտարար եւ խաղաղասէր ճիգերուն մարտիրոսն եղաւ: Եւ իրաւ ալ առանց խորարմատ առաքինական զգացում ունենալու, հնար չէր Ստեփանոսի ըրածը ընել, եւ երկպառակութիւնը վերջացնելու փափաքով հակառակորդին քովը երթալ, երբ ինքը զօրաւոր վիճակ ունէր եւ աթոռին ստացութեան մէջ էր: