Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԽԱՉԻԿ Ա. ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ

776. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Պէտք չէր որ Արարատցիք նոր կաթողիկոսի ընտրութեան ձեռնարկէին ցորչափ օրինաւոր կաթողիկոսը Վասպուրականցոց ձեռքը գերի ինկած էր, որպէսզի զայն լքած ըլլալու կասկած չտան, անոր մահը ստուգուելէն ետք ալ` պէտք չէր յապաղել: Ընտրելին ալ փնտռելու երկար աշխատանքի պէտք չկար, քանի որ յայտնի էր Արշարունեաց եպիսկոպոս Խաչիկի վայելած ազդեցութիւնը եւ փորձուած գործունէութիւնը: Իրօք ալ Խաչիկ Ա. Արշարունի կաթողիկոսութեան բարձրացաւ, հրամանաւ թագաւորին որ Ողորմածն կոչիւր, եւ ժողովով ընտրելոց արանց եւ եպիսկոպոսաց սրբոց (ԿԻՐ. 49): Այստեղ ալ բոլորովին մտացածին կը դառնայ Ուռհայեցիին ըսելը, թէ Ստեփանոս ձեռնադրեաց յաթոռ իւր զերանելին զտէր Խաչիկ (ՈՒՌ. 47): Ընտրութեան թւական կը դնէ Անեցին Քրիստոսի 973 տարին (ՍԱՄ. 101), եւ Ասողիկ Հայոց 421 տարին (ԱՍՈ. 171), որ 972 Մարտ 28-ին կը սկսի, եւ կատարելապէս իրարու կը համաձայնին, եթէ ըսենք թէ ընտրութիւնը կատարուեցաւ հայկական տարւոյն վերջին ամիսներուն մէջ, այսինքն է 973 տարւոյ սկիզբները, ծնունդէ զատիկ միջոցին: Իսկ Ստեփանոսի եւ Վահանի մահերը հանդիպած կ՚ըլլան 972-ին վերջերը: Խաչիկի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը պատմագիրներուն մեծ մասէն համաձայնութեամբ 19 տարի նշանակուած է: Կան ոմանք որ 21 տարի կու տան, զոր Անեցին ալ կը յիշէ, այլ կ՚ուղղէ, Տէր Խաչիկն ամս ԻԱ` բայց ԺԹ ստոյգն, ըսելով (ՍԱՄ. 101), եւ մենք շատ լաւ կը մեկնենք այդ տարբերութիւնը դիտել տալով, որ Ստեփանոսի Վասպուրական մեկնած օրէն 774) Խաչիկ ինքն էր, որ կաթողիկոսարանի վարչութիւնը ձեռք առած էր իբր տեղակալ, եւ այդ միջոցն ալ գրեթէ երկամեայ մըն էր, որով իրօք Խաչիկ 19 տարի կաթողիկոս եղած, եւ 21 տարի կաթողիկոսութիւն վարած կ՚ըլլայ, եւ իր կաթողիկոսութեան վերջը կ՚իյնայ 992-ին: Իրեն ժամանակակիցներ եղած են Բագրատունեաց թագաւորական գահին վրայ Աշոտ Գ. Ողորմածը մինչեւ 977. անկէ ետքը որդին Սմբատ Բ. Տիեզերակալը մնացեալ միջոցին համար, որովհետեւ միայն Խաչիկի վերջին տարիներուն մէջ, 990-ին, Գագիկ Ա. Շահանշահը յաջորդեց իր եղբօրը: Արծրունեաց թագաւոր Աբուսահլին մահը ճշդել երկար ուսումնասիրութեանց պէտք ունի, պատմագիրներուն յառաջ բերած թուականներուն եւ գործողութիւններուն իրարու համաձայն չըլլալուն համար 747), սակայն ամէն պարագայի մէջ պէտք է ընդունիլ թէ նա Վահանէ քիչ ետքը մեռած պիտի ըլլայ: Իր մեռնելով երեք որդիքը հայրենի ժառանգութիւնը բաժնեցին, եւ մասնակի թագաւորութիւններ հաստատեցին, Աշոտ-Սահակ Տոսպ Վասպուրականի, Գագիկ-Խաչիկ Անձեւացեաց, եւ Սենեքերիմ-Յովհաննէս Ռշտունեաց, մինչեւ որ առջի երկուքին մեռնելովը` երրորդը նորէն բովանդակ Վասպուրականի վրայ տիրեց: Միեւնոյն ատեն կը շարունակէր թագաւորել Կարսի մէջ Մուշեղ, որ եղբօրը մահուընէ ետքը, եղբօրորդւոյն դէմ ելաւ գլխաւոր թագաւորութիւնը ձեռք ձգելու նպատակով: Միւս թագաւորութիւններն ալ շարունակեցին հիւսիսային Հայաստանի եւ Կովկասեան գաւառներուն մէջ, որոնց մանրամասնութիւնները մեզ աւելի չեն հետաքրքրեր:

777. ԱԶԳԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԹՈՌ

Կաթողիկոսական յաջորդութեանց մէջ նկատի առնուիլ սկսած ազգակցական կապը` այս անգամ ալ ճշմարտուեցաւ, որովհետեւ Խաչիկ` Անանիա կաթողիկոսին ազգային (ՎԱՐ. 90), կամ հարազատ արեան (ՕՐԲ. Բ. 33), եւ աւելի ճիշդ քուերորդի կամ քեռորդի (ԱՍՈ. 171) է եղած: Միայն թէ ազգակցական յարաբերութիւնները անարժանները առջեւ անցընելու չեն ծառայած, այլ կաթողիկոսներ իրենց մերձաւորներէն յուսատու երիտասարդները կրթելով եւ վարժեցնելով կարող անձեր հասցուցած են: Խաչիկ ամենէն ալ գովութեամբ յիշուած է. իբր երանելի այր Աստուծոյ, որ բանիւ վարդապետութեան սանձեաց զբերանս հերձուածողաց, եւ իբր սրբասէր եւ քրիստոսասէր անձ (ԿԻՐ. 50), եւ նոյնինքն Օրբելեան կը խոստովանի, թէ եղաւ արժանաժառան գայր (ՕՐԲ. Բ. 33), չնայելով որ իր նախորդին Վահան Սիւնիի յայտնի հակառակորդն էր եղած 770): Խաչիկի Արշարունեաց եպիսկոպոս ըլլալէն ալ հնար է հետեւցնել, թէ նոյն գաւառին նշանաւոր վանքերէն Կամրջաձորի կամ Կապուտքարի աշակերտութենէն եղած ըլլայ: Խաչիկի գործունէութեան առաջին արդիւնքն եղաւ, կաթողիկոսական աթոռին պառակտումը վերջացնել, որովհետեւ կրցաւ ամէն կողմերը համաձայնութեան բերել, եւ միապետեալ խաղաղացոյց զաշխարհս Հայոց (ԱՍՈ. 171): Թէեւ Վահանի եւ Աբուսահլի մահերը մեծ դիւրութիւն ընծայեցին այդ յաջողութեան, սակայն վարչական խոհականութեան գործ է պարագաները յօգուտ գործածել գիտնալն ալ: Հայրապետական աթոռը տեսակ մը անհաստատ եւ անորոշ կացութիւն ստացած էր Անանիայի Վասպուրականէ մեկնելէն ետքը, ուստից կարծես թէ պատահական պարագաներու ներքեւ հեռացած կը գտնուէր: Վահանի եւ Ստեփանոսի տարիները բոլորովին շփոթութեանց մէջ անցած էին, իսկ Վահանի Վասպուրական ապաւինիլը եւ այնտեղէն կաթողիկոսութիւն վարել ուզելը` կերպով մը Վասպուրականի աթոռին վերանորոգումն էր: Հազիւ թէ խառնակութիւնները վերջացան` Խաչիկ ուզեց հայրապետական աթոռին հաստատուն ձեւ մը տալ, եւ նորոգեաց զտուն կաթողիկոսարանին, որ կը գտնուէր ի գիւղաքաղաքին Արգինայ, Շիրակ գաւառի մէջ, ուր Ախուրեան, այժմ Արփաչայ, Երասխի կը խառնուի: Անանիա այնտեղ կը մնար սովորաբար, եւ այնտեղ ալ թաղուեցաւ, բայց Խաչիկի շինութիւններով պաշտօնական հայրապետանոցի ձեւը կ՚ընդունէր, որովհետեւ ի նմին գեղջ շինեաց զսուրբ կաթողիկէ եկեղեցին վիմարդեան կոփածոյիւք, հանդերձ եւս երեք եկեղեցեօք, եւ ամէն տեսակ զարդերու եւ անօթներու պատրաստութեամբ պայծառացուց (ԱՍՈ. 172): Թէպէտեւ Արգինա Հայոց թագաւորութեան կեդրոն ըլլալու սահմանուած չէր, եւ տեւողական կաթողիկոսարան ալ չէր կրնար ըլլալ, սակայն Անի ալ տակաւին շինուելու եւ ամրանալու վրայ էր, եւ մինչեւ որ այն աւարտէր, եւ հաստատուն հայրապետանոց եւ կաթողիկէ կառուցուէին, պէտք էր օրինաւոր ձեւ մը տալ, եւ կաթողիկոսութիւնը աստանդական կացութենէ հանել:

778. ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Յունական կայսրութեան եւ Հայոց միջեւ յարաբերութիւններ պահ մը ընդհատեցան, որովհետեւ Հայ թագաւորութիւններ իրարու հետ զբաղած էին եւ Յոյներն ալ աւելի Միջագետքի եւ Ասորիքի կողմը կեդրոնացուցած էին Սարակինոսաց հետ ունեցած պատերազմին: Կոստանդին Է. Պորփիւրոժէն, որ կրկին անգամ կայսերական գահը գրաւած էր 945-ին 746), մինչեւ 959 իշխանութիւնը պահեց, երբ իր իսկ որդին Ռոմանոս Բ. Կրտսերն, զինքն թունաւորեց, որ գահը գրաւէ: Սա ինքզինքը զեղխութեանց տալուն` իր իսկ թագուհւոյն Թէոփանէի ձեռքով թունաւորուեցաւ 963-ին, եւ այս անգամ Նիկեփորոս Բ. Փոկաս զօրավարը` կայսր հռչակուեցաւ Թէոփանէի հետ ամուսնանալով, բայց Թէոփանէ անկէ ալ ձանձրացաւ, եւ զայն սպաննել տուաւ, ու Յովհաննէս Ա. Չմշկիկ հայազգի զօրավարին հետ ամուսնանալով` զայն կայսերական գահ բարձրացուց 969-ին: Թէ Նիկեփորոս Փոկաս եւ թէ Յովհաննէս Չմշկիկ քաջ զօրավարներ էին, եւ նշանաւոր յաղթութիւններ ալ կատարած էին Սարակինոսաց վրայ դեռ գահ չբարձրացած, որոնց մանրամասնութիւնները մեզ չեն հետաքրքրեր. մինչեւ որ Չմշկիկ կայսր հռչակուելէ ետքը, 973-ին, անձամբ արշաւանքի գլուխ անցաւ եւ Հայաստանի կողմերը եկաւ: Չմշկիկ մեր պատմիչներէն սովորաբար Կիւռժան անունով կը յիշուի, Քիրիէ Եանի կամ Տէր Յովհաննէս յունական կոչումին աղաւաղութեամբ: Իսկ իրեն ծննդավայր կը նշանակուի Խոզաթ գաւառի Հերապոլիս քաղաքը, որ այդ պատճառով Չմշկածագ անունը ստացած է: Չմշկիկ մեծ յաջողութիւններ ունեցաւ իր պատերազմներուն մէջ, բոլոր Ասորիքը ու Միջագետքը գրաւեց, եւ Ատրպատականի ու Պաղտատի ալ սպառնալու հասաւ, իսկ ինչ որ մենք պիտի յիշենք` Հայոց կողմէ իրեն հետ սկսած յարաբերութիւններն են: Տարոն գաւառի մէջ, Մուշի մօտ, Այծեաց բերդին առջեւ եղած ատեն, Աշոտի կողմէն իրեն կու գան Սմբատ Թոռնեցի իշխանը, եւ Ղեւոնդ կամ Լեւոն իմաստասէր վարդապետը, եւ այլ եպիսկոպոսք եւ վարդապետք իբրեւ խաղաղութեան դեսպաններ, եւ լուր կու տան թէ Աշոտ Բագրատունեաց, Փիլիպպէ Կապանի, Գուրգէն Աղուանից, Սենեքերիմ Վասպուրականի, եւ Գուրգէն Անձեւացեաց թագաւորները, պատրաստ են 80, 000 զօրաց բանակով օգնել անոր: Ուռհայեցին, որ այս պարագան կը պատմէ, կ՚աւելցնէ հոս, թէ մատուցանէին առաջի նորա զթուղթն Վահանայ Հայոց կաթողիկոսի (ՈՒՌ. 21): Արդէն առիթ ունեցանք դիտել տալու 771), թէ Ուռհայեցիին ներկայացուցած Վահան կաթողիկոսը` իր ամէն պարագաներով տարբեր է ուրիշ պատմիչներուն միաձայնութեամբ պատկերացուցած Վահանէն, եւ 973-ին, երբ Չմշկիկ Արեւելք անցաւ, արդէն Վահան մեռած եւ Խաչիկ կաթողիկոս եղած էր: Չենք գիտեր թէ ինչպէս Ուռհայեցին կրցած է մտացածին պատմութիւն մը կազմել Վահանի վրայ. արդեօք իրմէ առաջ պատմիչները տեսած չըլլալո՞ւն, թէ ոչ Ուռհայի լատին իշխաններուն ներքեւ ապրելով, քաղկեդոնականութեան դէմ եղած չերեւնալու համար: Արդ կամ բնաւ կաթողիկոսի գիր մը ներկայուած չէ Չմշկիկի, կամ թէ Խաչիկէ գրուած թուղթ մըն է ներկայուածը: Արդէն անհնար էր որ Աշոտի պատգամաւորները կարենային Վահանի ալ գիրը տանիլ: Ուղիղ չէ եւս Սենեքերիմի իբր Վասպուրականի թագաւոր յիշուիլը, զի այն ատեն Աշոտ-Սահակ ունէր այդ անունը 776), եւ 14 տարի ալ թագաւորեց, գոնէ մինչեւ 985: Ուռհայեցիին պատմելովը` Չմշկիկ գոհացաւ Աշոտէ իբրեւ տասն հազար զինուոր, եւ ապուրս եւ ռոճիկս ընդունելով եւ պատգամաւորները մեծ պարգեւօք ետ դարձուց: Այդ մասին ալ որոշ բան մը ըսել չենք կրնար, բայց ինչ որ Ուռհայի չգրաւուելուն համար կը պատմուի (ՈՒՌ. 22), պատմական պարագաներ չի ներկայեր: Չմշկիկէ Աշոտի գրուած երկար նամակի մը պատճէնը, որ ամբողջապէս յառաջ կը բերուի (ՈՒՌ. 23-33), վաւերականութեան կնիք չի կրեր, զի աւելի հրամանատարի մը իր վեհապետին մատուցած տեղեկագիրին ոճն ունի: Ըստ այսմ երբեք պատմական ստուգութիւն չենք կրնար տալ Ղեւոնդ վարդապետին Կոստանդնուպոլիս երթալուն ալ, ուսկից նորէն ի նպաստ քաղկեդոնիկութեան փաստ մը քաղել կ՚ուզուի (ՉԱՄ. Բ. 847), մինչ եթէ աւելի մտադրութեամբ զննուին Ուռհայեցիին խօսքերը, պիտի տեսնուի, թէ սա կ՚ուզէ Հայոց դառնութիւնը բարձրացնել` երբոր կը գրէ, թէ խօսեցաւ վարդապետն Հայոց ընդ ամենայն իմաստասիրացն Հոռոմոց եւ անպարտելի երեւեցաւ ի մէջ վարդապետացն տանն Յունաց (ՈՒՌ. 34): Ուռհայեցիին պատմութեան վրայ դիտողութիւննիս վերջացնելու համար` աւելցնենք, թէ անոր գրածին համեմատ Չմշկիկ, իբր թէ զղջումի գալով, իր ձեռքով Ռոմանոս Բ. Կրտսերին Վասիլ եւ Կոստանդին զաւակները կը թագաւորեցնէ, եւ անոնց երկիրպագանէ ի վերայ երեսաց, ինքն ալ անապատ մը կը քաշուի, կրօնաւոր կ՚ըլլայ, եւ կամաւոր աղքատութեամբ կ՚ապրի մինչեւ իր մահը (ՈՒՌ. 36): Իսկ կայսերաց հարազատ պատմութեան համեմատ, Չմշկիկ իր արշաւանքէն դարձած ատեն Բիւթանիոյ մէջ հիւանդացաւ, վիճակը ծանրացաւ, եւ հազիւ Կոստանդնուպոլիս մտաւ, ու մեռաւ 970-ին, եւ կասկածուեցաւ իսկ` թէ Վասիլ ներքինէն թունաւորուած ըլլայ (ԼՊԱ. 510): Այդ կէտերը հարկ սեպեցինք առջեւ բերել, ցուցնելու թէ իրաւ հնար չէ Ուռհայեցիին հետեւիլ Վահանի նկատմամբ պատմածներուն մասին:

779. ԱՇՈՏ ԵՒ ՍՄԲԱՏ

Աշոտ Ողորմածին մահը կը դրուի Հայոց 426-ին (ԱՍՈ. 174) կամ 425-ին (ՎԱՐ. 90), եւ ըստ այսմ մենք ալ կը պահենք 977-ին, որչափ ալ Անեցին 982-ին կը յետաձգէ (ՍԱՄ. 102), սակայն Անեցիին մօտ ստէպ կը հանդիպինք երկու թուականները համեմատելու մէջ սպրդած սխալներուն: Աշոտ որչափ ալ գթոտ եւ բարեպաշտ, Ողորմած մականունին արժանանալու չափ 764), զինուորական արիութիւն ալ ցուցուց ասպատակներուն դէմ 705), եւ եկեղեցական նախանձայուզութիւն ալ ցուցուց Վահանի գործին մէջ 770), որով ըստ ամենայնի կատարեալ թագաւորի մը տիպարը երեւցուց իր վրայ: Նա վախճանեցաւ լի արդեամբ, երկիրն ալ շէն եւ խաղաղաւէտ վիճակի մէջ թողլով: Ուստի շատ իրաւամբ նորա անունը Յայսմաւուրքի ալ անցած է իբր յիշատակելի սուրբ մը: Մարերի 13-ը, որուն ներքեւ նշանակուած էր, պիտի ընդունուի իբր իր մահուան օրը: Եւ որչափ ալ Յայսմաւուրքը անշարժ տոմարի վերածելով համեմատած է Մայիսի 20-ին (ՅԱՍ. 226), սակայն շարժական տոմարով Յունուար 3-ին պէտք էր համեմատել: Իր երեք որդիներէն, Սմբատ եւ Գագիկ եւ Գուրգէն (ՎԱՐ. 90), երէցն Սմբատ անմիջապէս եւ անհակառակ ի նոյն աւուր թագաւորեաց (ԱՍՈ. 174), եւ հարկաւ Խաչիկ թագաւորական օծման կարգ ալ կատարեց, ինչպէս Աշոտի համար եղած էր 765), թէպէտ պատմագիրներու մէջ որոշակի նշանակուած չենք գտներ: Սմբատ ալ բազմաթիւ Հայ թագաւորներուն նախաթոռը ըլլալուն` Շահանշահ անունով յիշուած է (ԿԻՐ. 50), բայց աւելի սովորաբար գործածուած է Տիեզերակալ մականունը (ՎԱՐ. 90), որ ծիծաղելի կրնար նկատուիլ, եթէ չդիտէինք, որ համեմատական իմաստով գործածուած է, իր հակառակորդներուն վրայ յաղթական եղած ըլլալուն համար: Սմբատի մեծութեան եւ իշխանութեան գլխաւոր փաստն է Անի քաղաքը, որուն աւերակները մինչեւ այսօր հայկական արուեստին եւ Հայութեան յիշատակին փառաւոր մնացորդը կը կազմեն եւ որոնք նորանոր պեղումներով միշտ աւելի կը գնահատուին: Սմբատ իր մայրաքաղաքին ռազմական ամրութիւն եւ շինուածական հոյակապութիւն տալու համար, երկրորդ եւ արտաքին պարիսպ մը աւելցուց, կամ ինչպէս պատմագիրը կ՚ըսէ, պարսպափակ առնէ զպարիսպն (ԱՍՈ. 174), ուղիղ գիծով Ծաղկոցաձորի գետակէն դէպի Ախուրեան գետը, որոնց գետախառնունքին կը գտնուի Անի, որ այս կերպով երկու կողմէն գետերով զօրացած էր, եւ երրորդ կողմէն կրկին պարիսպներով ամրացած եղաւ: Նորաշէն պարիսպը կրովք եւ վիմովք մածուցեալ էր, մահարձանօք բրգանց զօրացած եւ բարձրաբերձ պարսպեալ, ինչպէս մինչեւ այսօր ալ կը տեսնուի: Պարիսպին մէջ բացուած անցքերն ալ մայրագերան, երկաթագամ, հաստահեղոյս, բեւեռապինդ դուռներով ամրացուցեալ էին, որպէսզի պարիսպներուն չափ զօրաւոր ըլլան թշնամիին մուտքը արգելելու:

780. ՏՐԴԱՏ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ

Սմբատի մայրը Խոսրովանոյշ թագուհին, երեք տարի եւս ապրեցաւ Աշոտի մահուընէ ետքը (ՅԱՍ. Ա. 226), եւ Սանահինի ու Հաղբատի շինութիւնները լրացուց: Մի առ մի յիշուած չեն Սմբատի ձեռքով Անիի մէջ կատարուած շինութիւնները, բայց անտարակոյս է թէ մինչեւ հիմա երեւցող եկեղեցիներու եւ ապարանքներու մնացորդներէն մեծ մասը, անոր պէտք է վերագրուի: Յատուկ կերպով յիշուած է միայն Անիի կաթողիկէն, որ մինչեւ այսօր կանգուն մնացած է, քանի մը գլխաւոր պատառուածքներով: Պատմիչներ մեծաշէն (ԱՍՈ. 174), եւ պայծառ (ԿԻՐ. 50), եւ սխրատեսիլ (ՍԱՄ. 104) կ՚անուանեն կաթողիկէն, եւ միայն կը դիտեն թէ Սմբատ իր կենդանութեան չկրցաւ վերջնականապէս զայն աւարտել, եւ իր եղբօր կնոջ Կատրամիդէին ինկաւ շինուածը լրացնել տալ` Սմբատի մահուընէ ետքը: Այդ պարագային էր հարկաւ կաթողիկէին յարակից կաթողիկոսարանին ալ շինութիւնը. որովհետեւ յարմար ալ չէր որ այլեւս կաթողիկոսը, մայրաքաղաքէն դուրս թէպէտ ոչ շատ հեռու, Արգինայի մէջ մնար: Սակայն Խաչիկի չվիճակեցաւ պաշտօնապէս Անի փոխադրուիլ, թէպէտեւ անհնար է որ ստէպ այնտեղ գտնուած չըլլայ թագաւորին մօտ, ազգային գործերուն եւ ընդհանուր ուղղութեան մօտէն հսկելու համար: Շինութեանց պատճառով թագաւորը յիշատակած ատեննիս, պէտք չէ լռութեամբ անցնինք Տրդատ ճարտարապետին անունը, որ իր արուեստական արժանիքին կը կցէ, Հայ արուեստագէտի մը անունով յիշուելուն առաւելութիւնը: Տրդատ եղած է Արգինայի կաթողիկէին եւ կաթողիկոսարանին ալ շինողը (ԱՍՈ. 175), եւ իր կարողութիւնը Հայաստանէ դուրս ալ մեծ հռչակ ունեցած է: Որովհետեւ 989 տարւոյ երկրաշարժին, երբ Կոստանդնուպոլսոյ Ասփիայն, որ կաթողիկէն է, հերձանիւր պատառմամբ, նորոգութեան համար բազում ջան եղեւ արհեստաւոր ճարտարացն Յունաց, բայց վերջապէս Տրդատ ճարտարապետը եղաւ, որ տուաւ զօրինակ շինուածոյն իմաստուն հանճարով, եւ այնպէս Ս. Սոփիա տաճարը գեղեցկապէս վերաշինուեցաւ (ԱՍՈ. 242):

781. ՄՈՒՇԵՂ ԵՒ ԱՊՈՒՏԼՈՒՓ

Սմբատի օրով տիրող խաղաղութիւնը պահ մը խանգարուեցաւ իրեն եւ իր հօրեղբօր Մուշեղի` Կարսի թագաւորին միջեւ ծագած անհամաձայնութեան համար: Պարագաներ կը ցուցնեն թէ Մուշեղ էր, որ Սմբատէ գերագոյն դիրք մը ձեռք ձգել կ՚ուզէր իր երիցագոյն ըլլալովը, թէպէտեւ անորոշ է` Սմբատ սկսաւ գոռալ ընդ հօրեղբօր իւրոյ Մուշեղայ բացատրութիւնը (ԱՍՈ. 174): Սմբատ կը զօրանայ եւ Մուշեղին իշխանութենէն կը գրաւէ Շատիկ բերդը, Ճակատք գաւառի մէջ, այժմեան Իգդիրի կողմերը: Մուշեղ` Տայոց կիւրապաղատ Դաւիթը օգնութեան կը կանչէ, եւ Սմբատ երկու կողմէ նեղուելով կը պարտաւորի Շատիկը յանձնել եւ այսպէս նորէն խաղաղութիւն հաստատեն, եւ Դաւիթ ետ կը դառնայ ոչինչ մեղուցեալ աշխարհին Սմբատայ: Բայց Մուշեղ չի հանդարտիր, եւ Սմբատէ վրէժ լուծել կը խորհի, որովհետեւ ոչ ունէր զերկիւղն Աստուծոյ, եւ բազմաբոյծ բոզիւք կեայր, կ՚ըսէ պատմիչը: Կը գրգռէ Աբլհաճ ոստիկանը որ Սմբատի գաւառները կը յարձակի 982-ին 760), եւ Հոռոմոց վանքը կ՚աւերէ եւ ճոպանօք ի վայր բերէ եկեղեցւոյ գմբէթին գագաթը եղող խաչը (ԱՍՈ. 175): Պատմիչը այդ գործին հետեւանք կը նկատէ Աբլհաճ ամիրային, Գողթն գաւառի Ապուտլուփ ամիրայէն յաղթուիլը, եւ իր իշխանութիւնն ու քաղաքները կորսնցնելը, դիւաբախ ըլլալով թափառական շրջիլը, եւ Յոյներէն ալ օգնութիւն չգտնելով իրեններուն ձեռքով Ուխթիք քաղաքի, այժմեան Օլթիի մէջ խեղդամահ ըլլալը: Ինքն ալ կը խոստովանի եղեր կ՚ըսէ, թէ այդ արկածները իմ վրաս եկան վասն զի թշնամի եղէ խաչին Քրիստոսի (ԱՍՈ. 176): Բայց Ապուտլուփ ալ լաւագոյն մէկ մը չէր: Վասպուրականի վրայ ալ յարձակեցաւ, եւ Աշոտ-Սահակ թագաւոր անոր դէմ ղրկեց Աբլխարիբ եւ Գրիգոր եւ Տիգրան իշխանները, որոնք չկրնալով դէմ դնել, Ճուաշռատ, այժմ Գարաքօյունլու գաւառի` Բակեար բերդը փակուեցան, եւ Ապուտլուփ խոստացաւ կեանքերնին շնորհել եթէ զէնքերնին յանձնեն: Բայց զինաթափ ընելէ ետքը բերդակալները սրախողխող կը մեռցնէր, երեք իշխանները կը գերէր, եւ մեծ փրկանքով իրենց կեանքը ու քաղաքին փրկութիւնը կը շնորհէր: Այդ փորձանքին ալ պատճառ կու տայ պատմիչը, թէ յայն մեռեալ մարմինս գտան նշանք հեթանոսական պղծութեան, զոր չէ օրէն ասել (ԱՍՈ. 177): Եթէ ըսած ըլլար, աւելի ճշդութեամբ պիտի գիտնայինք թէ ինչ տեսակ աւելորդապաշտական բաներ էին, որոնք ժամանակին Հայերուն մէջ մտած էին, եթէ առերեսս ուրացութեան պատճառով թլփատութեան վրայ չէ այդ ակնարկը: Մուշեղ Կարսի թագաւորը շատ աւելի չապրեցաւ պատմուած եղելութիւններէն ետքը, 984-ին մեռաւ, եւ իրեն յաջորդեց որդին Աբաս (ԱՍՈ. 183), որով Կարսի թագաւորութիւնն ալ շարունակեալ յաջորդութիւն ունեցած եղաւ:

782. ՅՈՒՆԱՑ ՍՏԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Խաչիկի օրուան քաղաքական եւ ազգային կացութիւնը բացատրած ըլլալու համար, բաւական կը սեպենք մինչեւ հիմա տուած տեղեկութիւննիս եւ մեր նպատակին հետ մօտէն կապուած կրօնական եղելութիւններուն կ՚անցնինք: Երբոր Չմշկիկ մեռաւ, Ռոմանոս Բ. Կրտսերին երկու որդիքը եւ Վասիլ Բ., Կոստանդին Թ. զոյգ թագաւորեցին 976-ին 778), բայց աւելի Վասիլի անունն է որ պատմութեան մէջ կը յիշուի, եւ որ ամբողջ կէս դարու միջոց մը կը գրաւէ, վասնզի անչափահաս տարիքի մէջ թագաւորեց Վասիլ ներքինիի խնամակալութեամբ: Վասիլ մոլեռանդ մը չէր դաւանական խնդիրներու մէջ, այնպէս որ կրցաւ իր նկատմամբ համբաւ ալ տարածուիլ, թէպէտ անհիմն, թէ թողեալ զդաւանութիւնս Քաղկեդոնի` մերում ճշմարտութեանս հետեւեաց, եւ եկեալ յաշխարհն Կիլիկեցւոց, մկրտեցաւ Հայոց ի վանքն, որ կոչի Պազակձիակ (ԿԻՐ. 50): Սակայն իր օրով արեւելեան վիճակներուն Յոյն մետրապոլիտները, ամենայն խստութեամբ սկսան հետամուտ ըլլալ իրենց վիճակներուն մէջ եղող Հայերը քաղկեդոնականութեան հնազանդեցնել: Ասոնց մէջէն աւելի նշանաւոր հանդիսացան Սեբաստիոյ եւ Մելիտինոյ, այսինքն է Առաջին Հայոց եւ Երկրորդ Հայոց մետրապոլիտները: Սեբաստիոյ մետրապոլիտը մինչեւ իսկ սկսաւ տանջել զքահանայս, եւ երկաթեղէն կապանօք արքունական իշխանութեան մատնել, եւ ի բանտի չարչարեալ նեղել, եւ այդ առթիւ վկայողներ ալ եղան, ինչպէս յանուանէ կը յիշուի Սեբաստիոյ երիցանց աւագը` Գաբրիէլ, այր ծեր եւ իմաստիւք լի եւ քաջապինդ ի հաւատս: Մետրապոլիտը մինչեւ իսկ արգելեց որ Սեբաստիոյ Հայոց եկեղեցին ժամաձայն կամ կոչնակ հնչեցնեն: Հայերուն մէջէն մետրապոլիտին հնազանդող եւ քաղկեդոնիկ եղողներ ալ կը յիշուին, ինչպէս Սիոն Սեբաստիոյ եւ Յովհաննէս Լառիսոլ եպիսկոպոսներ, եւ այլք աննշան քահանայք (ԱՍՈ. 189): Միլիտինոյ մետրապոլիտին ըրածներէն առանձինն բան մը յիշուած չէ, միայն անոր Թէոդորոս անունը գիտենք, զոր Ուռհայեցին Հոռոմոց պատրիարք աստիճանի կը բարձրացնէ անխորհրդաբար (ՈՒՌ. 47): Մետրապոլիտներ չգոհանալով իրենց վիճակներուն մէջ գործել, սկսան թուղթս մեծամեծս գրել առ տէր Խաչիկ Հայոց կաթողիկոս (ԱՍՈ. 189) եւ քաղկեդոնիկ դաւանութիւնը պաշտպանել սովորական մեկնաբանութիւններով, որոնց դէմ Խաչիկ չլռեց, այլ զի էր տեղեակ աստուածային կտակարանաց. հրամայեց եւ թելադրեց իրեն վարդապետներուն պատասխանները գրել քաջակորով իմաստիւք (ԱՍՈ. 189), եւ այս է պատմիչին ալ ըսելը, թէ բանիւ վարդապետութեան սանձեաց զբերանս հերձուածողաց (ԿԻՐ. 50): Խաչիկի գրածներէն զմի ի թղթոցս իբր նմոյշ յառաջ կը բերէ Ասողիկ, իր ամբողջութեամբ, որ ուղղուած է Սեբաստիոյ մետրապոլիտին (ԱՍՈ. 190-235), իսկ Մելիտինոյ մետրապոլիտին գրածը կը գտնենք Գիրք Թղթոցին մէջ (ԹՂԹ. 302-322), եւ չենք գիտեր թէ ասոնցմէ զատ ուրիշներուն ալ գրած է: Այս երկրորդը գրիչի առնողն եղած է Սամուէլ Կամրջաձորեցի վարդապետը, Հայոց փիլիսոփայ կոչմամբ պատուուած (ԹՂԹ. 302), որ Պօղիկարպոսի յաջորդած էր Կամրջաձորի առաջնորդութեան մէջ 760): Սեբաստիոյ մետրապոլիտին գրուածին համար ալ ըսուած է, թէ յառաջ ասացեալ վարդապետքն պատրաստեցին (ԱՍՈ. 189), բայց ամէն առթի մէջ Խաչիկին անունով գրուած էին թուղթերը, եւ Խաչիկ մեքենաբար ուրիշին գրածը իւրացնող մը չէր:

783. ՍԵԲԱՍՏԻԱ ԳՐՈՒԱԾԸ

Սեբաստիոյ մետրապոլիտին գրուած թուղթը ուղղուած է Պատուական գլուխ եպիսկոպոսաց եւ մետրապոլիտ մեծ վիճակիդ Սեբաստիոյ հասցէով, առանց անունի. ոճը բաւական խիստ է, թէպէտեւ կը յայտարարէ ոչ թշնամութեան բանս հակառակ թշնամանաց գրել, բայց չի կրնար ինքզինքը կատարելապէս զսպել, տեսնելով որ բազում անգամ եռետիկոս յեղանակեալ են Հայերը (ԱՍՈ. 190), ուստի ով Հրեայդ, կամ մի' աշակերտիր Արիոսի (ԱՍՈ. 202)բացատրութիւններն ալ չի խնայեր, եւ հակառակորդներուն ըսածը կրկնելով, ո~վ անբանութեանս, մանաւանդ եթէ անգիւտ մոլորութեանս` հառաչանքը կ՚արձակէ (ԱՍՈ. 196): Պատճառաբանելու կերպն է առաջ աւետարանէն շատ մը վկայութիւններ յառաջ բերել. որով աստուածութեան եւ մարդկութեան գործեր եւ կիրքեր անխտիր կը վերագրուին միեւնոյն Յիսուսի Քրիստոսի, առանց տարբերութեան եւ առանց բաժանման բնութեանց. եւ հակառակորդը կը հրաւիրէ, բաժանեա աստանօր զբնութիւն, ով նոր աւետարանիչդ (ԱՍՈ. 195): Աւետարանի վկայութիւններէն ետքը կ՚անցնի սուրբ հայերէն վկայութիւններ բերել եւ միեւնոյն ձեւով պատճառաբանել: Աւելի յիշուած հայրերն են, Աթանաս եւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիք, Կիւրեղ Երուսաղեմացի, Բարսեղ Կեսարացի, Աստուածաբան եւ Նիւսացի Գրիգորներ, Յովհան Ոսկեբերան, Ոնորիոս Հռոմայեցի եւ ուրիշներ, եւ այս կէտերը թուղթին մեծ մասը կը գրաւեն: Այդ առթիւ կը յիշէ, թէ ոչ Դէսոկորոս Աղեքսանդրացիին եւ ոչ Պետրոս Անտիոքացիին, եւ ոչ իսկ իրեն ազգական եւ սեռն ընտանի եւ ուսուցիչ Հայ վարդապետները կը յիշէ, այլ նոյնիսկ Յոյներուն ընդունած վկայութիւններուն վրայ կը հիմնուի (ԱՍՈ. 226): Հայոց դաւանած միաբանութիւնը բացատրելով, ոչ փոխարկաբար, այլ փոխադրաբար բացատրութիւնը կը գործածէ, որպէս հուր յերկաթում օրինակը յառաջ բերելով (ԱՍՈ. 200), եւ յայտարարելով թէ ոչ ուրանամ զբնութիւն եւ ոչ բաժանեմ, այլ միութեամբ ասեմ անշփոթաբար (ԱՍՈ. 201), եւ կը մերժէ զմի բնութիւն Եւտիքեան, զոր նզովեմք, կ՚ըսէ, եւ օտար վարկանիմք յԱստուծոյ եւ յընդհանրական եկեղեցւոյ (ԱՍՈ. 217): Իր դաւանութիւնը պաշտպանելէն ետքը կը սկսի Յոյները մեղադրել, որ պատկերները աստուածարելաբար պաշտեն, եւ կը պաշտպանէ Հայոց պատկերները լուալն ու օծելը: Կը մերժէ բաժակին ջուր խառնելը, ներքինիները քահանայացնելը, խոստովանութեան մէջ զյանցանս քահանային չյայտնելը, եկեղեցականներուն մազերնին վարսաւոր երկնցնելը, եւ այլն: Յոյներուն իրենց բազմութեամբ եւ մեծութեամբ հաւատ սահմանելու պարծանքին գալով, կ՚ըսէ խուժքն Պարսից եւ դուժքն Տաճկաց, աւելի իրաւունք կրնային ունենալ, մինչ աւետարանի ճշմարտութիւնը` Մի երկնչիր հօտ փոքրիկ, եւ Երանի աղքատաց հոգւով սկզբունքներով կը չափուի (ԱՍՈ. 227): Նամակը կը փակէ հրաւէր կարդալով խոստովանիլ մի եւ անբաժանելի բնութեամբ զեկեալն եւ զգալոցն, եւ միասին երկիր պագանել Երրորդութեանն (ԱՍՈ. 235): Այդ նամակին վրայ, կ՚ըսէ պատմիչը, մետրապոլիտը ամօթալից լինէր, այլ ոչինչ թուլացաւ: Դէպ եղաւ, որ երբ նոյն մետրապոլիտը կայսեր կողմանէ Բուլղարներուն ղրկուեցաւ իբրեւ հաշտութեան դեսպան, Բուլղարաց թագաւորը իբրեւ պայման պահանջեց որ կայսեր քոյրը իրեն կնութեան տրուի: Իսկ կայսրը աղախիններէն մէկը ի կերպ քեռն իւրոյ զարդարելով, նոյն մետրապոլիտին հետ կը ղրկէ, բայց Բուլղար թագաւորը խաբէութիւնը իմանալով, մետրապոլիտը ցօղուն եւ ժժան պատեալ, եղէգի ու խռիւի փաթթելով այրել կու տայ: Եղելութիւնը իբր Հայոց եկեղեցւոյն դէմ եղած անարգանքին երկնային վրէժ կը ցուցուի պատմիչէն, եւ նշանակելի է, որ բնիկ Դերջանցի Հայ մըն էր Բուլղարաց թագաւորն ալ, Սամուէլ Կոմսաձագ մականուանեալ (ԱՍՈ. 236):

784. ՄԵԼԻՏԻՆԷ ԳՐՈՒԱԾԸ

Բոլորովին տարբեր է Մելիտինոյ մետրապոլիտին գրուած նամակը, որ Կամրջաձորեցիին գրիչէն է ելած, եւ ստոյգ ալ աւելի իմաստասիրական եւ աւելի գիտական ոճով խմբագրուած է: Նամակը ուղղուած է առ սիրելի եղբայր եւ պատուական գլուխ եպիսկոպոսաց տէր Թէոդորոս, մետրապոլիտ մայրաքաղաքիդ Մելիտինոյ (ԹՂԹ. 302): Առաջ կը քաղուի հասած նամակին իմաստը. Թէոդորոս` գաւազան երկաթի որ մանրէ զաշխարհս անուանած է Հոռոմոց իշխանութիւնը, եւ կը հրաւիրէ, որ ինչպէս Թուրքք, Ալանք, Ճեկք, Լախսուրաք եւ ուրիշ ազգեր, անոր ներքեւ նուաճուած եւ անոնց դաւանութիւնը ընդունած են (ԹՂԹ. 304), Հայերն ալ իրենց մոլորութենէն դառնան, Դէոսկորոսի չհետեւին եւ Քաղկեդոնի ժողովը ընդունին. եւ ասոր վրայ բնութեանց բաժանման կամ երկուութեան վրայ պատճառաբանութիւններ կ՚աւելցնէ: Նոյնիսկ կաթողիկոսին ուղղակի յորդոր կը կարդայ մետրապոլիտը, թէ ի բաց կաց ի Հայաստանեայց գրոց եւ ի ձայնից, ապաշխարութեամբ եւ զղջմամբ գրեա առ կայսր եւ պատրիարքն ի թագաւորեալ քաղաքն, եւ միացի'ր ի սուրբ հաւատս եւ կեցցես (ԹՂԹ. 305): Խաչիկ նախ կ՚ազդարարէ, թէ Թէոդորոսի հրաւէրը ուշ մնացած է, վասն զի իրենք կանուխէն ուղղութեան հրաւիրուած են Լուսաւորիչով, երեք ժողովներով եւ հին հայրապետներով, որոնցմէ 27 հատին անունները կու տայ, եւ կը յաւելու. նախ ասա' օտար զսոսա զամենեսեան, եւ ետքէն մեզ մեղադրէ (ԹՂԹ. 307): Կը յիշէ թէ 500 տարի է` որ բաժանումը տեղի ունեցած է, եւ Հայեր իրենց ուղղութիւնը միշտ պաշտպանած են, եւ անկէ հեռանալու մտադիր չեն: Յետոյ կ՚անցնի մի առ մի յառաջ բերել Թէոդորոսի պատճառաբանութիւնները. եւ մանրազնին գիտական դիտողութիւններով ամէնքն ալ կը հերքէ, նոյնիսկ իմաստասիրական սկզբունքներով: Քաղկեդոնականներուն` երկու բնութիւն, եւ անձն եւ դէմ մի` բանաձեւին ալ տկար կողմերը ցոյց կու տայ (ԹՂԹ. 311): Եւտիքէսի վարդապետութիւնը կը մերժէ, եւ Դէոսկորոսի ալ հետեւողութիւնը չ՚ընդունիր, եթէ օտար ինչ խորհի, կ՚ըսէ, մեզ չէ ինչ փոյթ, վասնզի քո է (ԹՂԹ. 308): Թէպէտ կ՚ըսէ Հայեր միշտ հալածեալք յամենայն ազգաց եղան, այլ ոչ երբեք լքեալք ի հաւատս (ԹՂԹ. 306), եւ եթէ նուազ եւ փոքունք, աղքատք եւ տգէտք արհեստից եւ մակացութեանց ըլլան, եւ ոչ հմուտ եւ տեղեակ պղատոնական պերճաբանութեամբ բարձրայունակ վարժից, բաւական է որ գիտեն զվարդապետութիւնս առաքելոցն եւ մարգարէից` հանդերձ կենսաբեր աւետարանսն (ԹՂԹ. 305): Հայոց դաւանութեան ձայնակից են կ՚ըսէ Աղուանք, Լփնիք, Կասպք, Կիղբք, Ասորիք, Եգիպտացիք, Եթովպացիք, Արաբացիք, եւ Հնդիկք (ԹՂԹ. 322), ինչպէս սկսաւ, նոյնպէս միշտ գիտական հանդարտութեամբ կը վերջացնէ. Դու եղբայր սիրելի եւ պատուական, զբարեկամութիւն սիրոյ խաղաղութեան, եւ զգութ եղբայրական խնամոց կալցես ընդ մեզ, որպէս մեք ընդ քեզ, եւ այլ ինչ աւելի ի մէնջ մի պահանջէր (ԹՂԹ. 32): Այդ նամակի ալ արդիւնքը յայտնի չէ, որովհետեւ հաւատալի բան չէ Ուռհայեցիին ըսածը, թէ եղեւ հաճելի թուղթն այն լսողաց, եւս առաւել մեծարեալ եղեւ առաջի Թէոդորոսի պատրիարքին (ՈՒՌ. 47): Չամչեան կը գրէ թէ կանուխէն Վահան միաբանութիւն հաստատած ըլլայ Քաղկեդոնականաց հետ ի ձեռն Թէոդորոսի մետրապոլտին Մելիտինոյ (ՉԱՄ. Բ. 840), զոր մենք տեղ մը յիշուած չգտանք: Եթէ ասանկ բան մը եղած ըլլար, հարկաւ Թէոդորոս Խաչիկի պիտի յիշեցնէր, եւ Խաչիկ բացատրութիւն մը տուած պիտի ըլլար, մինչ համարձակ կը գրէ թէ 500 տարիէ ասդին, որ բաժանումը տեղի ունեցած է, շատեր աշխատեցան, այլ ոչ կարացին զմիանգամ քակեալն վերստին շինել (ԹՂԹ. 322): Ինչպէս կը տեսնուի բոլորովին տարբեր են Խաչիկի երկու թուղթերուն ոճերը. եւ կ՚երեւի թէ տարբեր էին երկու մետրապոլիտներուն ալ գործերը: Մելիտինեցին աւելի գիտնականօրէն կ՚աշխատէր ազդեցութիւն գործել, մինչ Սեբաստացին յայտնի բռնութեանց դիմած էր 782):

785. ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ

Չենք կրնար որոշակի ըսել, թէ Խաչիկ ուրիշներու հետ ալ թղթակցութիւն ունեցաւ, կամ թէ մետրապոլիտն այն եւ այլ մետրապոլիտք բացատրութիւնը (ԱՍՈ. 189) երկուքի թէ երկուքէ աւելիի վրայ պիտի իմանանք: Ամէն առթի մէջ Խաչիկի որոշ ընթացքը եւ վճռական լեզուն հարկադրեց, որ աւելի մօտէն հոգ տանի պաշտպանել իր եկեղեցւոյն հաւատարիմ հաւատացեալները, որոնք յունական գաւառներու մէջ կը գտնուէին, Յունական Հայաստանի սահմաններէն դուրս: Հայ վիճակներուն մէջ եղող եպիսկոպոսները երերուն կացութիւն մը ունէին, երբեմն ընդդիմանալով եւ երբեմն համակերպելով, բայց աւելի արտաքին կերպով, եւ ոչ երբեք հիմնապէս իրենց եկեղեցիէն բաժնուելով: Իսկ այդ վիճակներէն դուրս օտար երկիրներու մէջ գտնուող գաղթականներ` Յոյն եպիսկոպոսներու պիտի հպատակէին, եւ չուզելով ալ յունադաւան կղերին ձեռքը պիտի մնային: Ուստի Խաչիկ ասոնց համար հոգաց, եւ ձեռնարկեց անոնք հովուելու համար ձեռնադրել եպիսկոպոսունս, որոնք հարկաւ իրենց ձեռքին տակ քահանաներ ալ ունէին եւ կը շատցնէին ըստ պատշաճի: Անունով կը յիշուին Անտիոք Ասորւոց, եւ Տարսոն Կիլիկեցւոց, եւ Սուլընդա, իբրեւ Հայ եպիսկոպոս ունեցող վիճակներ: Առաջին երկուքը ծանօթ տեղեր են, իսկ երրորդն է Սելինունտիա, երբեմն Տրայիանուպոլիս, եւ այժմ Սելինտի կոչուած, որ Իսաւրիոյ գլխաւոր քաղաքն ու նաւահանգիստն էր: Այս երեք տեղերէն զատ ալ եպիսկոպոսներ ղրկուած լինելը կը քաղուի յամենայն գաւառսն յայնոսիկ բացատրութենէն: Այդ ժամանակէն կը սկսին երեւալ Հայոց ստուար գաղթականութիւնները, որոնք կը սփռուէին զկողմամբք արեւմտից (ԱՍՈ. 249), իրենց նպատակ ունենալով Միջերկրականի ծովեզերեայ գաւառները տարածուիլ, զգալով իրենց հայրենական նահանգներուն կղզիացեալ եւ անհաղորդական դիրքին վնասները: Դար մը ետքը պիտի տեսնենք Հայերը այդ կողմերը ազատ իշխանութիւն հաստատելու ձեռնարկած, իսկ դար մը առաջէն կը տեսնենք որ ստուար գաղթականութիւններով կը սկսին այն կողմերը ազդեցիկ տարր մը ըլլալ: Եկեղեցական տեսակէտէն ալ` Հայոց կաթողիկոսութեան բնիկ եւ տեղագրական սահմաններէն դուրս Հայ եպիսկոպոսներ հաստատելը, առաջին անգամ Խաչիկի ձեռնարկին մէջ յիշուած կը գտնենք, բայց չենք ուզեր պնդել, թէ անկէ առաջ բնաւ տեղի ունեցած չէ: Յունադաւանութեան յարողներէն յիշուած էին Սեբաստիոյ եւ Լառիսոլ եպիսկոպոսները (ԱՍՈ. 189), ինչպէս մենք ալ առաջ բերինք 782), ուսկից կը հետեւի, թէ Սեբաստիոյ մէջ, նոյնպէս նախանձայոյզ մետրապոլիտին քով, Հայերու համար յատուկ եպիսկոպոս մը կար: Իսկ Լառիսան պէտք չենք զգար Թեսաղիոյ քաղաքին վրայ իմանալ, զի Լառիս մըն ալ Սեբաստիոյ մօտ յիշուած է (ՎԱՐ. 90), թէպէտեւ տեղը անյայտ, եւ կրնայ Լիկայոնիոյ Լարանտիա քաղաքն ալ իմացուիլ, Կիլիկիոյ սահմանակցութեան մէջ: Ասոնք աւելի կանուխէն հաստատուած եպիսկոպոսներ կ՚երեւին, այլ պատմութիւնը մեզի որոշ յիշատակ թողած չէ:

786. ԱՐԳԻՆԱՅԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ

Խաչիկի քաղաքական եւ եկեղեցական արդիւնաբերութեանց հետ պիտի յիշենք ուրիշ պարագայ մըն ալ, որ ստուգապէս կը ծառայէ անոր անունը բարձրացնելու. եւ այս է Արգինայի հայրապետանոցին մէջ մատենադարան մըն ալ կազմելը: Այդ ալ կը քաղենք պատմիչին քիչ մը ծաղկեալ ոճով գրածէն, թէ Խաչիկ ոչ միայն իր կաթողիկէն ոսկեթել զգեստներով եւ ջահաբորբոք լուսաւոր սպասներով զարդարեց, այլեւ հաւաքեց զաստուածախօս կտակս յոլովակի ստացեալ զգիրս սուրբս, զառաքելասացս եւ մարգարէաքարոզ պատգամս, հանդերձ ամենայն վարդապետացն ձայնիւք (ԱՍՈ. 172): Իրաւ գլխաւոր յիշուածներն են աստուածաշունչը եւ սուրբ հարց գործերը, սակայն գիտենք թէ ասոնք էին ժամանակին համար ամենէն յարգի եղած, եւ գրեթէ իբր միակ պիտանի ընդունուած գիրքերը, եւ անոնք առջեւ անցընել ուզած է պատմիչը: Ինչ ճոխութիւն ունէր Խաչիկեան մատենադարանը, մեզի յայտնի չէ. սակայն իր ամենէն համեստ չափին մէջ ալ` ապացոյց մըն է Խաչիկի գործունեայ եւ ուսումնասէր ճիգերուն: Քանի մը հատ նշանաւոր եւ երկաթագիր գրչագիրներ, որոնք այժմեան մատենադարաններուն ալ գանձը կը կազմեն, Խաչիկի կաթողիկոսութեան թուականները կը կրեն, եւ անոր անունը կը փառաւորեն: Միեւնոյն արժանեաց փաստ կրնայ սեպուիլ նաեւ ուսումնական վարդապետներուն խումբը, որ այդ միջոցին ծաղկեցաւ, եւ որոնց մասին կ՚ուզենք տեղեկութիւններ տալ, առաջիկայ յօդուածներուն մէջ:

787. ԿԱՐՍԻ ԱԲԱՍԸ

Խաչիկի օրերուն կը համապատասխանէ Կարսի թագաւոր Աբասի իշխանութիւնը, որ 984-ին հօրը Մուշեղին յաջորդեց 781), եւ բաւական երկար իշխանութիւն վարեց: Որչափ Աբաս իր երիտասարդութեան մանուկ փոյթ եւ կայտառ, եւ անհաղորդ գործոց հոգեւորաց կ՚երեւէր, այնչափ լի հանճարով եւ իմաստուն, եւ ամենայն բարեգործութեանց հետամուտ մարդ մը եղաւ թագաւորելէն ետքը: Նախապէս զինուորական կարգադրութիւնը հոգաց, որովհետեւ Կարսին բանակը գովութեամբ կը յիշուի Դաւիթ կիւրապաղատի օգնութեան գացող Հայ բանակին հետ, իբր յատուկ պարագայ մը նշանակելով` թէ Աբաս կարմրազգեստ զգունդն իւր ունէր (ԱՍՈ. 244): Միեւնոյն ատեն երկրին բարօրութեան համար ալ հոգ տանելով, խստիւ ջնջեց աւազակութիւնը եւ մարդասպանութիւնը, որ իբրեւ զհայրենիք սովորական եղած էին Վանանդի բնակիչներուն որոնք ոչ միայն ի ճանապարհս եւ ի բացեայ տեղիսն կողոպտէին, այլ եւ ի քաղաքին, եւ այդ բանը յաջողցուց զգտեալ գողսն անաչառ մահու դատապարտեալ: Աբասի կը վերագրուի նաեւ եկեղեցական հոգեւոր նախանձայուզութիւն մըն ալ, որով նախ ինքն զչորեքշաբաթ եւ զուրբաթ եւ զաւուրս շաբաթուց, այսինքն է շաբաթապահքերը, լոկ հացիւ եւ բանջարեղէն մրգով շատանալով, ոչ ի կթեղինաց ինչ եւ ոչ ի ձկանց ճաշակելով, իշխանաց եւ ազատաց վրայ ալ կ՚ազդէր, որոնց սովորութեամբ անկարգութիւն եղած էր, որովայնամոլութեամբ ապականել զկարգեալ զաւուրս պահոց (ԱՍՈ. 184): Ընդհանուր սովորութեանց հետեւելով Աբաս ալ հոյակապ վանք մը շինել տուաւ Արշարունեաց գաւառին մէջ, Շիրիմ կոչուած տեղը (ԱՍՈ. 48), հաւանաբար այժմեան Կաղզուանի Սէլիմ կոչուած գիւղը: Շիրիմի վանքին առաջնորդ նշանակեց Մովսէս վարդապետ մը, Յովհաննէս եւ Յամզիքոս եղբայրներուն հետ միատեղ, որոնք սրբակրօն առաքինութեամբ վանքը պայծառացուցին, եւ միեւնոյն տարւոյն մէջ վախճանեցան 1002-ին (ԱՍՈ. 185): Այս առթիւ կը յիշուի նաեւ Թրինի վանքը, Կամրջաձորի մօտերը, զոր պայծառացուց Աբասի մայրը, Փառիսոյ թագաւոր Սենեքերիմի քոյրը, անունը անծանօթ, եւ ինքն ալ անոր մէջ կրօնաւորեցաւ (ԱՍՈ. 185), եւ որ Վանք կուսանաց եղած կ՚ըսուի (ԱՐԱ. 548), որպիսիք կարի ցանցառ եղած են Հայաստանի մէջ: Կուսան կրօնաւորուհիներու անուններ ալ շատ չեն, ուստի Կարսի թագուհւոյն հետ յիշենք եւս Մամքան եւ Ռաչուքան կրօնաւոր կիները, Սմբատի եղբօր Գուրգէնի սերունդէն (ՎԱՐ. 90), որ է Լոռիի թագաւորական տունը (ՎԱՐ. 106):

788. ՍՄԲԱՏԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Այդ միջոցին շատ պատերազմական եւ քաղաքական դէպքեր տեղի ունեցան որոնք մեր նպատակէն դուրս կը մնան եկեղեցական գործերու հետ յարակցութիւն չունենալնուն համար: Գլխաւորն է Վարդ Սկլարոսի կամ Սկլերոսի` Վասիլ կայսերէ ապստամբիլը, նոյնիսկ Հայերուն եւ Սարակինոսներուն օգնութեամբ, որուն դէմ ղրկուեցաւ Վարդ Փոկաս զօրավարը, որ վերջէն ինքն ալ ապստամբեցաւ: Դաւիթ Տայոց կիւրապաղատ, Վասիլի կողմը աշխատելուն համար, իշխանութիւնը ընդարձակեց եւ թագաւոր անուանուեցաւ: Բազմաթիւ հայագունդ բանակներ Եւրոպիոյ կողմը տարուեցան Բուլղարներուն դէմ պատերազմելու համար, բայց մէջերնէն անոնց կողմը անցնողներ ալ եղան, ինչպէս Կոմսաձագ Դերջանցի եղբայրները, Սամուէլ եւ Մանուէլ, որոնց առաջինը թագաւոր ալ եղաւ ինչպէս յիշեցինք 783): Ատրպատականի կողմէն ալ Աբլհաճ Ռովդայ ոստիկանը նոր յարձակում բացաւ Սմբատի դէմ, որ հազիւ կրցաւ վտանգէն ազատիլ ուղարկեալ զհարկսն մեծամեծ ընծայիւք (ԱՍՈ. 186): Աբլհաճ Ռովդայ ոստիկանը Վասպուրականի դէմ ալ յարձակեցաւ Հեր գաւառի ամիրայէն գրգռուած (ԱՍՈ. 187), բայց ոստիկանին յանկարծական մահուամբը վտանգը փարատեցաւ: Այս առիթէն օգտուեցաւ Գողթան ամիրայ Ապուտլուփը եւ նորէն գրաւեց իր գաւառն ու Դուինը, եւ Սմբատի հետ ալ հաշտութիւն կնքեց: Այդ ամէն պարագաներու մէջ Խաչիկ կաթողիկոսի դերն եղած է հաշտութեան միջնորդ ըլլալ, զի եւ Ապուտլուփի հետ դաշինքն ալ միջնորդութեամբ տեսան Խաչկայ կատարուած է (ԱՍՈ. 188): Իսկ Սմբատ թագաւոր, որ մեծամեծ գովութեամբ եւ ընտիր ուղղութեամբ իշխանութեան սկսած էր, երթալով ճամբան փոխեց, որովհետեւ յաջողութիւններէն հպարտացած, անօրինեցաւ նա եւ բարձրացաւ սիրտ նորա (ԱՍՈ. 245): Թագաւորութեան սկիզբը իր եղբայրներուն Գագիկի եւ Գուրգէնի իշխանութեան բաժիններ նշանակած էր, Տաշիր եւ Գուգարք գաւառներուն կողմերը. բայց ետքէն վասն կարծեաց ինչ դրժանաց` Գագիկի հետ գժտեցաւ, որ պարտաւորուեցաւ հալածական ըլլալ, այսինքն է գործէ քաշուիլ եւ առանձնանալ (ՎԱՐ. 90): Ասկէ զատ պատմիչը երիս չարս դժուարինս առ ի ասել կը վերագրէ Սմբատի (ԱՍՈ. 245), որոնց մէկն է Ապուտլուփի հետ հաստատած դաշինքին դրժելը, եւ անոր թշնամի Սալար ամիրային Հայ գունդեր օգնութեան ղրկելը, մինչ Ապուտլուփ ըստ հեթանոսական դենին յարգած էր միշտ հաշտութեան դաշինքը, զոր Սմբատ քրիստոսական օրինօք ոչ պահեաց: Միւս չարը, սարսափելի եւս, իր քրոջ աղջիկը խառնակութեամբ առնելն է, զոր անդէն եհար Աստուած զկինն զայն եւ սատակեաց, որուն ետեւէն Սմբատ ալ բորբոքմամբ տապոյ բոցակէզ ցաւոց մեռաւ անդէն (ԱՍՈ. 246): Այդ միջոցին, չենք գիտեր ինչպէս, թագաւորին համբարանոցին խոտի եւ որաներու դէզերը կրակի կը տրուին Անիի մօտ: Նոյն օր եկեղեցւոյ մէջ գտնուողներէն մէկ մը` յանկարծ բուրվառին մէջէն զբով կրակին վերցնելով, կը սկսի պոռալ` երթամ այրել զհամբարանոցս թագաւորին: Այսչափը բաւական կ՚ըլլայ որ Սմբատ առանց քննութեան կը հրամայէ մարդուն աչուըները փորել, եւ եղէգի ու ճիւղերու փաթթելով այրել. մինչ խեղճը պարզապէս ցնորեալ ի խելաց մաղասկաթ մըն էր: Մարդուն մարմինը այրելէն ետքը բացօթեայ կը նետեն, զոր քաղաք եկած ատեննին` անապատաւոր կրօնաւորաց ոմանց տեսնելով խիղճ կ՚ընեն, եւ կը թաղեն ըստ քրիստոնէից օրինի: Բայց Սմբատ մարդ կը ղրկէ, եւ նորէն գերեզմանէն հանել կու տայ: Երեկոյին նոյն կրօնաւորներ, քաղաքէն ելած ատեննին կը տեսնեն խեղճին դիակը գէշ շանց եղեալ, եւ ցաւելով կ՚անիծեն Սմբատը, այսպէս եւ նորա ոսկերանց ելանել ի գերեզմանէն, եւ պատմիչը կը յարէ, որ եւ կատարեցաւ իսկ (ԱՍՈ. 245): Սմբատ մեռաւ 438-ին (ԱՍՈ. 246) եւ ոչ 428-ին, որ յայտնի սխալ է, վասն զի քիչ առաջ նոյն պատմիչը 425-ին դրած էր Սմբատի թագաւորելը (ՎԱՐ. 90): Իսկ Հայոց թուականը պէտք է համեմատել 990-ին սկիզբները, հայկական տարւոյն վերջերը, որ սկսած էր Մարտ 24-ին, եւ այս` պատմութեան ալ յարմար կու գայ, վասն զի հարկաւ 989 աշունին էր հանդիպած որաներուն կրակի տրուիլը: Սմբատի յաջորդեց եղբայրը Գագիկ, հալածական կեանքէն դառնալով: Յանկարծ կին մը դղրդէր զքաղաքն ամենայն պատմելով, թէ երազ տեսած էր որ Սմբատ մեռած չէ, այլ թմրական դեղօք դնի ի գերեզմանի: Գագիկ ստիպուեցաւ եղբօրը գերեզմանը բանալ տալ եւ ամենայն քաղաքին եւ զօրացն ցուցնել, եթէ ահա մեռեալ է: Եւ այսպէս կատարուեցաւ կրօնաւորներու անէծքը. եւ որ աւելին է, գերեզմանը բացողը եղաւ նոյն մարդը, որ զդի այրեցեալ մեռելոյն եհան (ԱՍՈ. 247):

789. ԽԱՉԻԿԻ ՄԱՀԸ

Խաչիկի վերջին տարիներուն մասին զատէն պատմելու եղելութիւններ չկան: Իր վերջին օրերը Գագիկի օծումն ալ պէտք է նա կատարած ըլլայ, թէպէտ յայտնի յիշատակուած չենք գտներ: Բոլոր կեանքին մէջ նոյն գործունէութիւնն է զոր Խաչիկ կը շարունակէ անխոնջ կերպով, ազգին ամէն տեսակ պէտքերը իրեն հոգածութեան առարկայ ընելով: Վերջապէս լցեալ աւուրբք, կատարեալ ժամանակաւ, եւ ի բարւոք ծերութեան փոխի յաշխարհէս, եւ մարմինը կը թաղուի Արգինայի կաթողիկէին հիւսիսակողմը (ԱՍՈ. 250): Անանիա Մոկացին ալ Արգինայի վանքին մէջ թաղուած էր 767), եւ երկու տեղերը տարբեր չենք կարծեր, քանի որ Խաչիկի շինութեանց համար ըսուած է, թէ նորոգեաց զտուն կաթողիկոսարանին, ուր Անանիա կը բնակէր, աւելցնելով իսկ թէ շինութիւնները եղած են ի հանգստարանի տեառն Անանիայի (ԱՍՈ. 171): Խաչիկ ոչ միայն կարող, այլ եւ յաջող հայրապետ մը եղաւ, զի իր օրով երկիրը ներքին երկպառակութիւններէ ազատ եւ արտաքին յարձակումներէն խաղաղ ատեն անցուց, եկեղեցին ալ նիւթապէս ճոխացաւ եւ բարոյապէս իր ինքնութեան մէջ պահուեցաւ ու զօրացաւ: Մահուան թուականը 992-ին հաշուեցինք արդէն, 973-էն սկսելով նորա կաթողիկոսութեան թուականը, որով կը լրանան իրեն տրուած 9 տարիները 776):

790. ԽՈՍՐՈՎ ԱՆՁԵՒԱՑԻ

Անանիայի եւ Խաչիկի արդիւնաւոր օրերուն մէջ շատ մը նշանաւոր վարդապետներ ծաղկեցան, եւ քանիներն ալ պատմական եղելութեանց կարգին յիշուեցան, սակայն աստէն կ՚ուզենք գլխաւորներուն անունները համախմբել, ամփոփ տեղեկութիւն մը տուած ըլլալու համար: Մատենագրութեամբ ծանօթ եղողներէն սկսելով, առաջին պէտք է յիշել Խոսրով Անձեւացեաց եպիսկոպոսը, որուն մասին առիթ ունեցանք խօսելու 759), իր վրայ դրուած մեղադրանքը բացատրելու համար: Ուստի այդ խնդիրը զանց ընելով պիտի յիշենք, թէ իրմէ մեզի հասած են պատարագի եւ ժամերգութեանց մեկնութիւնները: Առաջինին համար ըսուած է թէ առաջին գծագրութիւնն եղեւ ձեռամբ Սահակայ որդւոյ տեառն Խոսրովու (ԽՈՎ. 67), որ Անձեւացիին միջին զաւակն է, եւ որ իրեն մօտ մնացած է, երբ երէցն Յովհաննէս եւ կրտսերն Գրիգոր` մտած են Նարեկայ վանքը: Գրութեան թուական ցուցուած է 399, որ է 950 տարին, Անանիայի կաթողիկոսութեան միջոցին, երբ սա գրեթէ յուսաբեկ Սիւնիքը եւ Աղուանքը օրինաւորութեան հնազանդեցնելէ, գործին լուծումը երկնային նախախնամութենէն կը սպասէր 754): Իսկ Սահակի վերագրուածը գծագրութիւն ըլլալով, եւ ոչ գրութիւն, կրնանք հօրը գրածին ընդօրինակութեանը վրայ մեկնել: Միւս գործը, որ է ժամերգութեան մեկնութիւնը, մեզի հասած է Մովսէս Երզնկացի վարդապետի կազմած հաւաքածոյով, որ Անձեւացիին Մեկնութիւններուն կցած է` Օձնեցիին գրած եւ զիւրաքանչիւր սրբոց խօսեցեալ բանս (ԱՆՁ. ե. ): Այս երկրորդ գործին ժամանակը յայտնի չէ: Իսկ Խոսրովի մահը դրուած է 972-ին (ՉԱՄ. Բ. 839), հարկաւ իր եպիսկոպոսական աթոռին վրայ, որովհետեւ իրեն դէմ որեւէ վճիռ մը արձակուած չէ:

791. ԱՆԱՆԻԱ ՆԱՐԵԿԱՑԻ

Խոսրովէ ետքը յիշենք Անանիա Նարեկացին, Նարեկայ վանքը պայծառացնող եւ Նարեկայ դպրոցին հիմնադիր մեծ վարդապետը 761): Ասողիկի գրածը, թէ սորա եւ գիրս է ասացեալ ընդդէմ աղանդոյն Թոնդրակաց եւ այլոց հերձուածոց (ԱՍՈ. 165), այնպէս իմն ըմբռնուած էր, թէ Անանիա ընդարձակ եղծ աղանդոց մը գրած ըլլայ, մինչ Անանիայի գրուածին հրատարակութեամբ յայտնի եղաւ, թէ միայն համառօտ գիր մըն է գրածը, ուր նախ Թոնդրակեցիները կ՚անիծէ կերպկերպ դարձուածքներով, ու վերջէն դաւանական խոստովանութիւն մը կը յարէ: Անանիա այդ գիրը կը պատրաստէ, որովհետեւ ուզուած է իմանալ զհաւաստիս հաւատոց` զոր ինքն ունի, եւ գիրը կ՚ուղղէ մէկու մը` զոր առանց անունը տալու կը կոչէ, իրաւդ անիրաւութեամբ, եւ ծանօթդ ոչ` ծանօթիս, սննդակիցդ օտարացեալ (ԱՆՆ. 1), եւ ասոնք կը վերաբերին Անանիա կաթողիկոսի, որուն պահանջելովը գրած է (ՀԻՆ. 533): Յայտնի է այս գրուածէն, որ Անանիա Նարեկացին ալ, որ Խոսրով Անձեւացիին մտերիմն էր, իբր անոր կնոջ հօրեղբօրորդին եւ զաւակներուն ուսուցիչը, ամբաստանուած է իբր Անձեւացիին եւ Յակոբ Սիւնեցիին կողմնակից եւ համամիտ, եւ այս պատճառով կաթողիկոսը իրմէ յայտարարութիւն է ուզած կասկածը փարատելու համար: Անանիա Նարեկացի ուզուած գիրը տուած է յառաջացեալ տարիքին մէջ, այլ զգածեալ եւ զկծեալ սիրտով, մանաւանդ այն պատճառով, որ Անանիա կաթողիկոս պէտք էր զայն լաւ ճանչցած ըլլար իբր սննդակից եւ նախկին ծանօթ, զի Մոկացի էր, եւ կ՚երեւի թէ աշակերտակից ալ եղած են միեւնոյն վանքի մէջ, Վարագ կամ Աղթամար: Միեւնոյն գրուածին ուսումնասիրութենէն կրնանք քաղել, թէ այդ կրօնական խնդիրին մէջ, որ Անանիայի ժամանակէն սկսած է յուզուիլ Սիւնեաց եւ Անձեւացեաց հետ, Թոնդրակեցւոց աղանդն ալ իր մասը ունեցած է, իբրեւ նուիրապետական կարգերու թշնամի մը: Ասոր մէկ նշանն է Խոսրովի վերագրուած կարծիքը, թէ կաթողիկոսը աւելի ոչինչ ունի, եւ թէ ոչ է պարտ կաթողիկոսի հլու լինել (ԿԻՐ. 48): Անանիա գրած է Հ աւատարմատ գիրք մըն ալ Ընդդէմ երկաբնակացն, զոր անձամբ իբր ընծայ կամ պատարագ ներկայացուցած է առ աստուածապատիւ եւ սուրբ հայրապետն Խաչիկ (ՈՒԽ. 11): Այդ եղելութեան առթիւ կը նշանակուի, թէ յաւուրս ամարայնոյ, յամսեանն տրէ, որ օր տասն եւ մին էր ամսոյն, յաւուր կիւրակէի, յիններորդ ժամուն Անանիա եւ Ուխտանէս ի միասին գտնուած են յեզր գետոյն որ կոչի Ախուրեան (ՈՒԽ. 12): Տարեթիւը չէ յիշուած, բայց տրէի 11-ը Կիրակի հանդիպելու համար, ամիսը Հինգշաբթիով սկսած ըլլալու է, եւ այսպէս հանդիպած է 973 եւ 980 եւ 987 տարիներուն, յորս տրէի 11-ը ինկած է Յուլիս 6 եւ 4 եւ 3 օրերուն: Արդ նկատելով որ Անանիա Նարեկացի արդէն յառաջացեալ տարիք ունէր Անանիա Մոկացիի օրով, յարմարագոյն կը սեպենք Խաչիկի ընտրութենէն անմիջապէս ետքը 973-ին դնել Հաւատարմատի ներկայումը, եւ Յուլիս 6-ին Ուխտանէսի հետ հանդիպումը, ճիշդ յաւուրս ամարայնոյ: Անանիայէ ուրիշ ստոյգ գրուած չունինք, թէպէտեւ աստեւանդ Անանիա վարդապետի անունով մակագրուած ճառեր կան, որոնք ճշդել եւ համանուն վարդապետներուն մէջէն որոշել մատենագէտներու կը պատկանի: Անանիայի կենսագրական թուականներն ալ անորոշ կը մնան, միայն անկասկած կ՚երեւի Նարեկի վանքին մէջ մեռնիլը, որուն հետ կապուած է իր անունը, եւ ուր վաստկած է փիլիսոփայ մեծ պատուանունը (ԱՍՈ. 164): Նարեկայ առաջնորդութեան մէջ Անանիայի յաջորդած է Յովհաննէս, Գրիգոր Նարեկացիի մեծ եղբայրը, որ Նարեկայ մեծափառ եւ բարձրապատիւ ուխտի վանական կոչուած է (ՆԱՐ. 268), ինչպէս Անանիա ալ վանական Նարեկի կոչուած էր (ԱՍՈ. 164): Յովհաննէսէ մնացած յիշատակ կրնայ նկատուիլ Նարեկ գիրքը, վասնզի Գրիգոր ինքն կը վկայէ, թէ գործակցութեամբ եղբօր իմոյ ընտրելոյ Յովհաննէս կոչեցելոյ գրեցի (ՆԱՐ. 268):

792. ԶԱՆԱԶԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Կամրջաձորոյ վանքին առաջնորդներն ալ յատուկ յիշատակութեան արժանի են, Յովհաննէս որ հիմնադիրը եղաւ 760) եւ Պօղիկարպոս որ Վահանի գահընկէցութեան ժողովին գլխաւորներէն էր 770), որոնց յաջորդեց Սամուէլ Կամրջաձորեցին, որուն Խաչիկի անունով գրած թուղթը արդէն վերլուծեցինք 784): Ասոր կը վերագրուի տօնապատճառ գիրք մը Անանիա Արշարունեաց եպիսկոպոսի խնդրանքովը գրուած (ՀԻՆ. 790): Նորահաստատ վանքերը համրած ատեննիս, յիշեցինք Յովհաննէս Հոռոմոսցին 760), Սիմոն Խլաձորեցին, Պետրոս Խլաձորեցին, Վարդիկ Վանգեցին, Կարմիր Պաղնացին, Մովսէս Տարոնեցին, Սարգիս Հնձացին 761), Ստեփանոս Ցախացքարեցին, Յովհաննէս Սանահնեցին, Սիմէոն Հաղբատացին 762), որոնց հիմնարկութիւնները ոչ միայն առաքինական, այլեւ ուսումնական արդիւնքներ ունեցան: Ասոնցմէ զատ կը յիշուին եւս հետեւեալները. Յովհաննէս Խաչակիր վարդապետ, որ Վրացիներէն սպաննուելով թաղուած է Բասենի Ակսիգոմս գիւղը, որ Սուրբ-Յոհան անունը առած է, եւ մինչեւ այսօր ալ նոյն անունը կը պահէ, թէպէտ Սրրպօղան կը գրեն Թուրքերը: Յովսէփ Հնձացի Գերմաքուր վարդապետ, Կարնոյ Կարմիր վանքին առաջնորդ: Կիրակոս Գծծակերպ Գիտնական վարդապետ, որ Նիգ գաւառի Թեզենեաց վանքը կը մնար, ուր էր եւ Երեմիա Թեզենեցին: Սարգիս Աղուան Վայելչաբան վարդապետ եւ Յովհաննէս ամուսնացեալ քահանան: Ասոնց ամենուն համար անխտիր վարդապետ անունը կը տրուի, եւ կը գովուին իբր մեծ գիտութեամբ, առատ գիտութեամբ հռչակուած անձեր (ԱՍՈ. 172): Այս կարգին պէտք է յիշուի եւ Ղեւոնդ վարդապետը, Լեւոն փիլիսոփայ կոչուած, որուն անունը տուինք իբրեւ Չմշկիկի մօտ դեսպան ղրկուած 778): Մեսրոպ Վայոցձորեցի կամ Հողոցմեցի երէցն ալ, որ Ներսէսի պատմութիւնը գրեց կամ առաջուց գտնուած գիրքէ մը ծաղկաքաղեց, այդ միջոցին ծաղկող ուսումնականներէն է, որ իր գրութեան Հայոց 416, այսինքն է 967 թուական դնելով կը յիշէ Վահան կաթողիկոսը (ՍԱՓ. Զ. 138), եւ մենք ալ 968 նշանակած ըլլալով 771) նոյն թուականէն հեռացած չենք ըլլար, վասնզի մինչեւ 968 Մարտի 30 կ՚երկարի Հայոց 416 տարին: Առ այժմ այսչափը բաւական կը սեպենք Խաչիկի միջոցին համար, ասոնցմէ ետքը եղողներն ալ յաջորդին միջոցին կը թողունք: Բայց միջոցը չփակած, քանի մը կէտեր ալ կ՚ուզենք պատմել կամ լուսաբանել:

793. ԱՊԱՐԱՆԻՑ ԽԱՉԸ

Հռչակաւոր է նաեւ Դաւիթ Մոկաց եպիսկոպոսի անունը, որ նոյնինքն Մոկացի Անանիա կաթողիկոսէ եպիսկոպոսութեան բարձրացած, եւ Ապարանք ըսուած տեղը վանք մը շինած, եւ սրբակրօն եւ առաքինի գործերով հռչակ հանած էր, եւ մեռնելէն ետքը հրաշագործ սուրբի համբաւ ստացաւ, եւ իր գերեզմանն ալ ուխտատեղի դարձաւ Մոկաց եւ Կորդուաց բարեպաշտներուն: Դաւիթի եղբօրորդին, զոր անհաւանական չէ Զափրանիկ Մոկաց իշխանին հետ նոյնացնել (ԱՍՈ. 198), Կոստանդնուպոլիս երթալով յունական զինուորութեան մտաւ, եւ նշանաւոր եղաւ, Մանգլաւտ զօրավար անունով: Իսկ Դաւիթի յաջորդեց եղբօր թոռը, եւ Մանգլաւտի քեռորդին, Ստեփանոս Մոկաց եպիսկոպոս: Մանգլաւտ իրեն հետ ունէր հօրեղբօր գերեզմանին հողէն, եւ անոր զօրութեամբ եղած բժշկութիւնները մինչեւ Վասիլ եւ Կոստանդին կայսրներուն ականջը հասաւ, հետաքրքրուեցան, տեղեկութիւններ քաղեցին, եւ ուզեցին յատուկ պատիւներ ընել հրաշագործ գերեզմանին, եւ ընծայ մը Ապարանից վանքին: Մանգլաւտ իշխան Ստեփանոս եպիսկոպոսի կամքը հարցնելով, առաջարկեց Խաչափայտի մաս մը ունենալ, եւ անմիջապէս կայսրները պատրաստեցին ոսկեկուռ ձուլածոյ քառատեսակ յօրինմամբ զձեւ տեսակի աստուածեանն խաչի (ՆԱՐ. 379), եւ անոր մէջ զետեղել տուին Խաչափայտէն զատ, փուշպսակի, սպունգի, բեւեռի, ղենջակի եւ խանձարուրի մասունքներ, եւ նոյն Մանգլաւտին ձեռքով Ապարանքի վանքը ղրկեցին, ուր մեծահանդէս տօնախմբութիւն կատարուեցաւ Ստեփանոս եպիսկոպոսի նախագահութեամբ, եւ Արծրունի թագաւորներուն` Աշոտի եւ Գուրգէնի եւ Սենեքերիմի ներկայութեամբ, որոնցմէ վերջինին սահմաններուն մէջ կը գտնուէր վանքը (ՆԱՐ. 387): Ստեփանոս այդ առթիւ եկեղեցին ալ նորոգեց եւ զարդարեց, զոր չափազանց բացատրութիւններով կը նկարագրէ Նարեկացին, եւ ուր շատ սուրբերու մասունքներ ալ հաւաքեց (ՆԱՐ. 386), եւ այնուհետեւ Ապարանից վանքը նշանաւոր ուխտատեղի մը դարձաւ, եւ մանաւանդ հռչակուեցաւ Նարեկացիին գրած Ապարանից պատմութիւնովը (ՆԱՐ. 372-390), եւ այդ առթիւ պատրաստած խաչին ներբողեանովը (ՆԱՐ. 390-406), որուն իբր յարակից գրած է Աստուածածնի ներբողն ալ (ՆԱՐ. 407-421), զորս կը նուիրէ Ստեփանոսի` լերինդ Մոկաց հզօր դիտապետի (ՆԱՐ. 422): Ապարանից վանքը այժմ լքեալ վանքերէն մէկն է Մոկս գաւառի Մամրտանց գաւառակին մէջ, Ապարանք գիւղին մօտ: Անցողակի յիշենք այստեղ Ռուսինոս Մոկացի ճգնաւորին անունը, զոր Յայսմաւուրքը գովութեամբ, բայց առանց թուականի, կը յիշատակէ (ՅԱՍ. Ա. 149): Փասայ վանք ըսուածն ալ անծանօթ է, սակայն անյարմար չենք սեպեր Ռուսինոսի անունը կցել Մոկաց գաւառի վանական պայծառութեան ժամանակին հետ, զի նորա սրբակրօն եւ ճգնաւորական կեանքէն զատ ուրիշ պարագայ մը յիշուած չէ:

794. ՄԱՏԻՆ ԱՌԱՔԵԱԼ

Ժամանակակից կը նկատուի Մատին Առաքելոյ վանքին հիմնարկութիւնն ալ, Սասուն գաւառի Գոմեր գիւղին մէջ, որ մինչեւ այսօր ալ շէն կը մնայ, թէպէտ Սասունի վերջին արկածներուն ենթարկուած: Որչափ ալ հիմնարկութիւնը անհաւատալի եւ առասպելախառն պարագաներով պատմուած է, սակայն կ՚ուզենք յիշել վանքին` նշանաւոր եղած ըլլալուն համար: Գոմերի քահանան, գիւղին տանուտէրը կ՚անիծէ, եւ չարձակած կը մեռնի: Մէկու մը անիծածը եւ բանադրածը ուրիշ մը արձակել չկրնալուն կանոնով, տանուտէրը մինչեւ Հռոմ կը դիմէ, Պետրոս առաքեալէ արձակուելու համար: Հռոմի հայրապետը իրեն եկեղեցականներուն ժողովով կ՚որոշէ ուխտաւոր Հայը երկաթէ շղթաներով` վիզէն եւ ոտքերէն եւ ձեռքերէն կապել, եւ Ս. Պետրոսի գերեզմանին առջեւ թողուլ, որ եթէ հրաշքով քակուի, իմանան թէ արձակուած է: Իրաւ ալ կապուած Հայը գիշերով երազ կը տեսնէ, որ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներ` անիծող քահանային կ՚աղաչեն որ իրեն ներում շնորհէ, քահանան հաճութիւն չի տար, մինչեւ որ Քրիստոս կ՚երեւի եւ կը հրամայէ արձակել, եւ այդ վայրկենին շղթաները կը քակուին: Ասով Հռոմի հայրապետն ու ժողովականները կը համոզուին թէ Հայը արձակուած է, եւ զինքն գերեզմանին պահապան կը նշանակեն: Եօթը տարի սպասաւորելէն ետքը, այդ արձակեալ Հայը` Ս. Պետրոսի մարմինէն ակռաներովը ճկոյթ մատը կը փրցնէ. ասոր վրայ երկնային նշաններ կ՚ըլլան, եւ հայրապետն ու Ս. Պետրոսի տաճարին եկեղեցականները, փրցուած ճկոյթը Հայուն կը թողուն, եւ նա կ՚առնէ կը բերէ, եւ իր հայրենական գիւղին մէջ Մատին Առաքելոյ, այսինքն Ս. Պետրոսի ճկոյթին վանքը կը շինէ: Յայսմաւուրքը, որ այս պատմութիւնը յառաջ կը բերէ, Մատին Առաքելոյ վանքին տեղ կը ցուցնէ Կոկոտ գաւառի Բլծայր գիւղը (ՅԱՅ. 583). բայց պատմութեան պէս անուններն ալ շինծու կ՚երեւին, որչափ ալ պատմութեան առաջին թարգմանիչ կը ցուցուի փիլիսոփայ Ղեւոնդ վարդապետը (ՍՄԲ. 23), զոր յիշեցինք 778): Իսկ Մատին Առաքելոյ վանքը մինչեւ այսօր կայ ու կը մնայ Սասունի Գոմեր կամ Գոմք գիւղը, եւ այդ պատմութիւնն ալ կը պատմուի, զոր մենք յառաջ բերել ուզեցինք, ոչ իբր ստոյգ պատմութիւն, այլ ցուցնելու համար, թէ մինչեւ ուր կը ձգտին երեւակայական թռիչները:

795. ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻՔ

Նշանաւոր վանք մըն ալ որուն շինութիւնը այդ միջոցին եղած է, Մարմաշէնն է, մեծանուն, վայեչաշէն, զարմանակերտ եւ հոյակապ շինուած մը (ՍԱՄ. 103), զոր Մարմարաշէն անունով կը յիշեն Ասողիկ (ԱՍՈ. 262) եւ Կիրակոս (ԿԻՐ. 50), եւ չենք իմանար թէ ինչու Ալիշան կ՚ուզէ Մարիամաշէն իմանալ, տաճարին կարմրագոյն վիմօք, եւ ոչ սպիտակ մարմարէ շինուած ըլլալը դիտելով (ՇԱԿ. 147), մինչ Հայուն ըմբռնմամբ ամէն ընտիր քար մարմարիոն կ՚ընդունուի: Բայց այդ առթի մէջ աւելի նկատելու կէտն է, թէ Մարմաշէնի հիմնարկութիւնը կը պատկանի իշխանաց իշխանին Վահրամայ, որդւոյ Գրիգորի Պահլաւունւոյ (ԱՍՈ. 262), իսկ Պահլաւունի տունը, որ առաջին անգամ կը յիշուի այդ առթիւ, մեծ հռչակ ունեցաւ ապագային, Գրիգոր Մագիստրոսի անձնաւորութեամբ եւ անոր ցեղէն ծաղկած հայրապետներով: Բայց ասկէ աւելի հետաքրքրական է Պահլաւունիներու ինքզինքնին շառաւիղ մերոյն Լուսաւորչի (ՄԱԳ. 40), կամ ի նախնական հօրէ սկսեալ` ի Պարթեւէն լուսաւորեալ ցեղէն կարծելնին (ՉԱՓ. 540): Սակայն նոյն ինքն Շնորհալին ալ, ազգատոհմին մեծ մատենագիրը, որ կը պնդէ` թէ բնութիւն ազգին պահեալ, որ Պահլաւիկըն կոչեցեալ, միւս կողմէն կը խոստովանի, թէ եւ թաքուն իմն ամփոփեալ, յռամիկ ազանց միջի ծածկեալ, միայն ինքեանց ներհուն եղեալ, որ յայնմ ազգէ գալով սերեալ, որդի զհայր փոխանակեալ, մինչեւ առ մեղըս հասուցեալ (ՉԱՓ. 540): Բայց եթէ իրենք ալ բան մը գիտցած ըլլային, հարկաւ չէին ծածկեր եւ նոյնինքն Շնորհալին, եւ իրմէ առաջ Մագիստրոսը, կատարեալ ազգաբանութիւն մը աւանդած կ՚ըլլային: Լուսաւորչի տոհմին շառաւիղ ըսուելու համար պէտք էր ուղղակի անոր սերունդն ըլլալ, եւ որովհետեւ Լուսաւորչի ցեղին արու գիծը մինչեւ Սահակ Պարթեւ հասնելով սպառեցաւ, եւ Սահակ աղջիկ մը միայն ունեցաւ 181), ուստի պահ մը կարծուեցաւ, թէ Պահլաւունի կոչուածները` ի զարմէ դստեր սրբոյն Սահակայ Պարթեւի եղած ըլլան (ՉԱՄ. Բ. 851), եւ այնպէս ալ ընդունուեցաւ ժամանակ մը. սակայն հետզհետէ հետազօտութիւնները ընդարձակուելով ցուցուցին, թէ անհնար է այդպէս մեկնել: Սահակի աղջիկը Համազասպ Մամիկոնեանի հետ ամուսնացած էր, եւ անկէ ծնած երեք զաւակներէն Վարդան եւ Համազասպեան ուղիղ սերունդ չթողուցին, եւ միայն Հմայեակի զաւակներն են, որք ազգատոհմը շարունակեցին. սակայն երբեք իրենց Մամիկոնեան ազգաբանութիւնը չխանգարեցին, եւ մինչեւ այդ ժամանակները` որ Պահլաւունի ցեղ մը մէջտեղ կ՚ելլէ, Մամիկոնեաններ մնացած էին, ինչպէս Մուշեղ եւ որդին Թոռնիկ, եւ անկէ ետքն ալ շարունակեցին, որով անհնար կ՚ըլլայ Մամիկոնեանները` Պահլաւունի եղած ըսել, կամ Սահակի աղջկան սերունդ կարծել Պահլաւունիները:

796. ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴ

Երբոր այս կողմէ բոլորովին կը փակուի Պահլաւունիներու լուսաւորչազարմ ըլլալը, պէտք է ուրիշ հիմ մը գտնել: Այդ մասին մեր կարծիքն եղած է անոնց սերունդը կապել Կամսարականներուն հետ (05. ԼՈՒ. Զ. 93), եւ ուրախ ենք տեսնելով, որ Կոստանեանց ալ, Մագիստրոսի ներհուն ուսումնասիրողը, այդ եզրակացութեան կը համաձայնի (ՄԱԳ. ԺԴ): Պահլաւունիք Հայոց հին նախարարութիւններուն կարգին երբեք յիշուած չեն, այլ կը ճանչցուին իբր Պարթեւներուն բնաշխարհը եղող Բահլ գաւառի (ԽՈՐ. 164) տիրապետողներ, որոնք յետոյ երեք ճիւղի բաժնուեցան, Կարէնի Պահլաւ, Սուրէնի Պահլաւ, եւ Ասպահապետի Պահլաւ` անուններով (ԽՈՐ. 103): Առջի երկու ճիւղերէն մէկ մէկ անձ Հայաստան փոխադրուած են զանազան առիթներով: Սուրէնեան Պահլաւներէն է Անակ (ԽՈՐ. 154), որ Խոսրովը դաւաճանելու կու գայ, եւ որուն զաւակն է Գրիգոր Լուսաւորիչ: Այս ցեղը աւելի քան նախարարական, քահանայապետական տուն ճանչցուեցաւ, եւ մինչեւ Սահակ Պարթեւ շարունակեց, եւ անով սպառեցաւ, ինչպէս յիշեցինք 796): Կարէնեան Պահլաւներուն ցեղը Արտաշիր Սասանեանէ կոտորուած ատեն, Պերոզամատ տղան Քուշանաց երկիրը ապաստանեցաւ (ԽՈՐ. 153): Ասոր որդին Կամսար Հայաստան փախաւ եւ քրիստոնէութիւն ընդունեցաւ. բայց վաղամեռիկ ըլլալուն, անոր որդին Արշաւիր նախարարական տան մը գլուխ ճանչցուեցաւ, եւ Երասխաձորը իբր բնակավայր ընդունեցաւ, եւ նախարարութիւնն ալ ու գաւառն ալ Արշաւիրի անունէն Արշարունիք կոչուեցան (ԽՈՐ. 177), իբր Արշարունիք, բայց նոյն ատեն Արշաւիրի հօրենական անունէն առնելով Կամսարական կոչումն ալ ստացան (ԽՈՐ. 173): Անկէ ետքը պատմութեան մէջ շարունակած է Կամսարականներու կամ Արշարունիներու յիշատակութիւնը, եւ նշանաւորագոյններէն մէկն է. իշխանն Արշարունեաց Արշաւիր Կամսարականն որ էր եւ փեսայ զօրավարին Հայոց սրբոյն Վարդանայ տեառնն Մամիկոնէից, ունելով զդուստր նորա ի կնութեան (ՓԱՐ. 65): Այս կերպով Արշաւիրի կինը կ՚ըլլայ Ս. Սահակի թոռնորդին, եւ Կարէնեան Պահլաւները խառնուած կ՚ըլլան Լուսաւորչի սերունդին, անոր իգական ճիւղին մնացորդներէն մէկուն հետ զուգակցելով: Ահա Կամսարականներուն` Լուսաւորչի սերունդ կարծուելուն փաստը: Կամսարականներու նշանաւորներէն մին ալ եղաւ Ներսէհ կիւրապաղատ, եօթներորդ դարուն վերջերը 512), ուսկից ետքը հետզհետէ կը նուազի Արշարունի կամ Կամսարական ցեղին դիրքը, մինչեւ որ Աշոտ Բագրատունի, Մսակեր մականուանեալ, որ իններորդ դարուն սկիզբները սպարապետ էր 634), գանձագին արար զգաւառն Արշարունեաց յազգէն Կամսարականաց (ԱՍՈ. 108), եւ անկէ ետքը նոյն նախարարութեան անունն ալ կարծես թէ դադրեցաւ: Եթէ նախարարական տունը իր կարեւորութիւնը կորսնցուցած չըլլար, իր երկիրը դրամով ծախելու չէր զիջաներ, բայց ասով ցեղը ջնջուած չէր, որովհետեւ վաճառողներ եւ գինը գանձողներ կային մէջտեղ: Կամսարական-Արշարունիներ երբ իրենց բնիկ գաւառը, նախկին Երասխաձորը կը թողուն, կ՚անցնին հաստատուիլ Արարատայ Վարաժնունիք գաւառը, զոր պէտք չէ շփոթել Տուրուբերանի համանուն գաւառին հետ, եւ որուն գլխաւոր քաղաքն է Բջնի, եւ ահա այստեղէն է որ երեւան կու գան Պահլաւունիները, իբրեւ գաւառին տէր. ինչ որ ակներեւ կը ցուցնէ հին Կամսարական-Արշարունիներուն` եւ նոր կամ Երկրորդ Պահլաւունիներուն նոյնութիւնը:

797. ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԵԱՑ ՆԱԽՆԻՔԸ

Ժամանակագրական հաշիւն ալ կու գայ հաստատել այդ եզրակացութիւնը: Հայոց 435=986-ին է որ Վահրամ Պահլաւունի Մարմաշէնը կը հիմնարկէ, երբ արդէն սպարապետ էր, եւ հնար չէ 40 տարեկանէ պակաս ենթադրել զինքն այդ թուականին: Արդ Վահրամին հայրն է Գրիգոր Պահլաւունի, մեծ հայրն է Ապուզամիր, եւ մեծ պապն է Արտակ, որոնց իւրաքանչիւրին 20-25-ական տարի սերնդեան միջոց նշանակելով` դարի մը միջոց կ՚ունենանք դէպ ետեւ, իբր Պահլաւունեաց նախահօր թուական, մինչ շուրջ 820-ին էր որ Երասխաձորէ այս կողմ անցեր էին հին Կամսարական-Արշակունիները, եւ Կամսարական մը եղած կ՚ըլլայ նոյնինքն Արտակ` գաւառին նոր տանուտէրը, եւ Պահլաւունեաց նախահայրը: Ինչ որ մենք բաղդատական պատճառաբանութիւններով կը քաղենք, յայտնի կերպով կը հաստատէ նոյն ինքն Պահլաւունին Մագիստրոս, երբ Կամսարականն Արտակայ կոչմամբ կը յատկանշէ իւր նախահայրը (ՄԱԳ. 40), եւ Կամսարական մը եղած կ՚ընդունի Պահլաւունիներուն առաջինը: Երկու ցեղերուն նոյնութեան վկայ մըն ալ Անաստաս վարդապետն է, որ գնացեալ յԵրուսաղէմ եւ ականատես եղեալ, տեղեկագիր մը գրած է վասն վանօրէից Հայոց որ յԵրուսաղէմ (ԱՆԱ. 13), ի խնդրոյ իշխանին Համազասպայ Կամսարականի Պահլաւունոյ (ԱՆԱ. 11): Անաստասը յարմար է նոյնացնել` Կիրակոսի յիշած ընտրեալ վարդապետներէն համանուն Անաստասի հետ (ԿԻՐ. 40), որ ժամանակակից կը ցուցուի Ստեփանոս Սիւնեցիին, որ ապրեցաւ ութերորդ դարուն առաջին կէսին մէջ, Կամսարականներուն իրենց գաւառը Բագրատունիներուն վաճառելէն առաջ: Ասկէ կրնանք հետեւցնել, թէ Կամսարականներ Վարաժնունեաց գաւառը չանցած, եւ Արտակէն ալ առաջ Պահլաւունի կոչումը իրենց սեփականել սկսած էին: Համազասպը, որ Անաստասէ կը յիշուի, Երասխաձորի մէջ բնակող Կամսարականներուն` եթէ վերջինը չէ, վերջիններէն մէկը եղած կ՚ըլլայ: Ամէն առթի մէջ Պահլաւունիներուն Կամսարական սերունդ եղած ըլլալը անկասկած կը դառնայ, եւ երբեմն պայծառ ու նշանաւոր եղած ազգատոհմը, թէեւ թաքուն իմն ամփոփեալ, յռամիկ ազանց միջի ծածկեալ (ՉԱՓ. 540), կրկին հրապարակի վրայ կը սկսի փայլիլ, տասներորդ դարուն կէսէն ետքը: Արտակ եւ Ապուզամիր լոկ անուններ են մեզի համար, որոնց վրայ Մագիստրոս ալ բան մը չի պատմեր, թէպէտեւ գովութեամբ եւ օրհնութեամբ կը յիշէ անոնց անունները: Իսկ առաջին անգամ արդիւնքներով պայծառանալ սկսող Պահլաւունին` Գրիգոր Համզէն է, աստուածապաշտ, առաքինի, ողորմած, եկեղեցաշէն եւ վանաշէն անձ մը, որ քառասնամեայ կը վախճանի այրի թողլով երեսնամեայ Շուշիկ կամ Շուշանը, եւ որբ զաւակներ, Վասակ, Վահրամ, Տիգրան եւ Գրիգոր, եւ Սեդա աղջիկ մը: Իսկ Ապլղարիպ անունով յիշուած որդին պէտք է Տիգրանի հետ նոյնացնել(ՄԱԳ. ժգ. ), որովհետեւ չորսէ աւելի եղբայրներ չեն յիշուիր (ՇԱԿ. 148): Իսկ Գրիգորի վրայ` իր հօրը միեւնոյն Գրիգոր Համզէ անուններուն կրկնուիլը, կասկած կը զարթուցանէ թէ հօրը մահուընէ ետքը ծնած տղայ մը պիտի ըլլայ: Վերջինները` Գրիգոր եւ Սեդա վաղամեռիկ ալ եղած պիտի ըլլան, որովհետեւ միայն առաջին երեքը կը յիշատակուին պատմութեանց մէջ: Սակայն Պահլաւունիներուն գործերը պատմութեանս կարգին կը թողունք պատշաճ պարագաներուն յիշատակել: