Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԲԱՐՍԵՂ Ա. ԱՆԵՑԻ

916. ԲԱՐՍԵՂԻ ՅԱՋՈՐԴԵԼԸ

Նոր ընտրութեան պէտք չկար Վկայասէրին յաջորդը նշանակելու համար, եւ ոչ ալ նոր ձեռնադրութեան հարկ մը, երբ 1105 Յունիս 3-ին աթոռը իբր թէ պարապ կը մնար, բայց իրօք պարապութիւն չկար: Արդէն 1081 գարունէն կաթողիկոսական ձեռնադրութիւն ստացած էր Բարսեղ, Ապիրատ Պահլաւունիի եւ Վկայասէրի քրոջ որդին, որ օրինաւորապէս աթոռակից եւ գործակից ճանչցուած էր, որ իրապէս կաթողիկոսական իշխանութիւն կը վարէր, եւ զոր հանգուցեալ հայրապետը ի յաթոռ իւր հաստատեալ էր (ՉԱՓ. 550), իր աշխարհէ հրաժեշտի պահուն: Ուստի Բարսեղ օրինաւորապէս եւ տիրապէս կաթողիկոս կը հռչակուէր իր նախորդին եւ մօրեղբօր թաղումն ալ չկատարուած, որուն ինքը կը նախագահէր անշուշտ: Իսկ Ստեփանոս, հայր վանացն Կարմիր վանքի, որ արար ժողով ի վերայ գերեզմանին, եւ հայրապետական պատուով յուղարկեաց զնա ընդ սուրբսն (ՈՒՌ. 372), Վկայասէրի դամբանախօս ներբողաբանը պէտք է եղած ըլլայ, եւ ոչ յուղարկաւորութեան հանդիսադիրը, քանի որ կաթողիկոս մը ներկայ էր այնտեղ, եւ սգակիր ներկայութեան ձեւը այն ատեններ ճանչցուած չէր: Վկայասէրի վերջին ներկայութիւնը Քէսունի Կարմիր վանքին մէջ, եւ Գող Վասիլի ազդեցութեան բոլոր Հայ իշխանութեանց վրայ գերակշռութիւնը, եւ Հայութեան առաւել պատուաւոր ձեւով այդ կողմերուն մէջ ստացած դիրքը, առիթ ընծայեցին, որ այլեւս Քէսունի Կարմիր վանքը, ի մէջ լերանց Շուղր անուանեալ, իբր բուն հայրապետանոց նկատուէր, եւ Բարսէղ ալ զսեփականն աթոռ թողեալ ի Շիրականն Անի շինեալ, կ՚որոշէր մնալ այստեղ, եւ աստանօր եկաւորեալ` առ իշխանին նախասասցեալ Գող Վասիլի բնակութիւն կը հաստատէր (ՉԱՓ. 550): Բարսեղի առաջին հոգածութիւններէն մին եղաւ այն երկու մանուկներուն խնամքը, Գրիգորն ու Ներսէսը, որ էին Վկայասէրի քորորդւոյ որդիք եւ Ապիրատի որդիք, եւ Բարսեղի ալ մօրաքրոջ թոռներ, զորս յանձնեալ էր ի նա (ՎԱՐ. 114) որպէսզի օրինաւոր դաստիարակութեամբ պատրաստուին այն բարձր կոչումին, զոր ինքն Վկայասէրն որոշած էր Գրիգորի 912), եղբայրն ալ ժամանակին անոր գործակից նշանակելով: Գրիգոր այդ միջոցին 12 եւ Ներսես 7 տարեկան եղած պիտի ըլլան:

917. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՄԱՆՈՒԿ

Բարսեղ լաւագոյն ընտրութիւն չէր կրնար ընել Վկայասէրին սիրելի ձեռնասուններուն կրթութեան համար, երբ զանոնք յանձնեց Քեսունի կամ Շուղրի Կարմիր վանքին առաջնորդ Ստեփանոս վարդապետին, որ Մանուկ մականունով ճանչցուած է, տասնեւութը տարեկան եղած ատենէն վարդապետելու եւ քարոզելու սկսած ըլլալուն, եւ երիտասարդական հասակի մէջ Բարսեղ կաթողիկոսէ եպիսկոպոս ձեռնադրուած ըլլալուն համար (ՀԻՆ. 606): Յիշեալ վանքը մեծ զարգացում ունեցաւ Ստեփանոսի ձեռքին ներքեւ, եւ աւելի եւս հռչակուեցաւ իր աշակերտութենէն ելած նշանաւոր անձերով, որոնց գլուխը պէտք է արձանագրուին Գրիգոր Պահլաւունի կաթողիկոսը եւ իր եղբայրը Ներսէս Շնորհալին: Այս երկուքին ընկերակիցներն են Իգնատիոս Շնորհալի, Սարգիս Շնորհալի, Բարսեղ Շնորհալի, եւ ուրիշներ ալ: Շնորհալի մականունին կրկնումը նշանաւորագոյն աշակերտներուն վրայ, մտածել կու տայ թէ այդ կոչումը որոշիչ պատուանուն մը եղած է Շուղրի կամ Քէսունի Կարմիր վանքի աշակերտութեան մէջ, ինչպէս Քերթող պատուանունը Սիւնեաց դպրոցին 398), եւ Իմաստասէր պատուանունը Արագածոտնի դպրոցին 979) յատկացեալ մակդիր անունի պէս գործածուեցան: Դիտողութեան արժանի է, որ Ներսէս` Մատթէոսի, Բարսեղ` Մարկոսի, եւ Իգնատիոս` Ղուկասի աւետարաններուն մեկնութեան աշխատած են, ինչպէս Սարգիս ալ Կաթողիկեայց թուղթերուն, որոնք իրարու միացուելով Նոր Կտակարանի գիրքերուն մեկնութեան ընդարձակագոյն գործի մը ծրագիրը կը կազմեն: Այդ ձեռնարկին գլուխն ու առաջնորդը անշուշտ նոյնինքն Ստեփանոս եղած է, իր աշակերտներուն վրայ բաժնելով լիակատար ձեռնարկի մը մասերը: Այդ կէտը շատ նպաստաւոր գաղափար մը կու տայ Ստեփանոսի կարողութեան եւ տեսութեանց նկատմամբ, մանաւանդ երբ նկատենք թէ վերոյիշեալ մեկնութիւնները շատ գործնական եւ շատ աւելի հմտական ոճ մը ունին, քան նախնի դարերու մեկնիչ սուրբ հայրերու գրուածները, որոնք յարմարական եւ վերացական իմաստներու շրջանակին մէջ թափառելով, շատ անգամ գրական եւ պատմական իմացուածը զանց կ՚ընեն: Ստեփանոս Մանուկ, մինչեւ իր կեանքին վերջը դպրոցական աշխատութեան մէջ յարատեւած է. միայն թէ իր անունով մակագրուած աշխատութիւն մը ձեռուընիս հասած չէ: Բայց եթէ գրածը կորսուած է, կամ թէ ուսուցչութեան պարապելով ինքնուրոյն աշխատութեան դիւրութիւն ունեցած չէ, ամէն առթի մէջ իր աշակերտները բաւական են անոր անունը բարձրացնել, եւ իրաւունք կու տան հայկական ուսմանց եւ եկեղեցական զարգացման նշանաւոր գործիչներու եւ արդիւնաւոր բարեկարգիչներու շարքը դասել Ստեփանոս Մանուկի` գրեթէ մոռցուած անունը: Սովորութիւն է Արծաթի դար կոչել հայկական ուսմանց վերանորոգութիւնը, եւ Ստեփանոս նշանակելի դեր վարած կ՚ըլլայ այդ վերանորոգման մէջ:

918. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԴԷՊՔԵՐԸ

Բարսեղի ժիրաժիր եւ գործունեայ պաշտօնավարութիւնը իր մօրեղբօր աթոռակցութեան միջոցին` մեզի յուսալ կու տար նշանաւոր եղելութիւններով եւ յիշատակաց արժանի բարեկարգութիւններով լեցուն օրեր ունենալ իր բուն կաթողիկոսութեան միջոցին: Դժբախտաբար, ոչ միայն շատ համառօտ եղաւ իր պաշտօնավարութիւնը, այլեւ եկեղեցական տեսակէտէն գրեթէ ոչինչ ունինք պատմութենէ յիշատակուած: Շնորհալին ալ, որ պատուադիր զգացումներով համակեալ է իր մամքեռորդւոյն հանդէպ, եւ երախտապարտ է անոր հովանւոյն ներքեւ ստացած զարգացման համար, պատմելու բան մը չի գտներ, եւ կանխաւ Մելիքշահէ ստացած ազատութիւնները 904)գովաբանելով` կը փակէ անոր վրայ գրելիքը: Այս հետեւանքին սկզբնապատճառը պէտք է փնտռել ժամանակին խռովեալ եւ ալեկոծեալ կացութեան մէջ, որ Բարսեղը ստիպեց պտոյտներ չընել եւ իր կեդրոնէն չհեռանալ, եւ քաղաքական եղելութեանց ստիպողականութեան ներքեւ` եկեղեցական գործերով զբաղուելէ արգելուիլ: Անընդհատ պատերազմներու շարք մըն է, զոր պատմիչներ մեզ կը ծանուցանեն Վկայասէրի մահուան թուականէն սկսելով, որոնց վերջն ալ հասած չէր Բարսեղի մահուան տարին: Արեւելքէն Սելճուքեան սուլտանը Մուհամմէտ Սափար եւ իր զօրավարները, ընդհանրապէս պարսիկ անունով կոչուած` կեդրոննին Պարսկաստանի մէջ ըլլալուն համար, տարուէ տարի նոր արշաւանքներ կը կազմակերպէին դէպ Արեւմուտք, Ասորիքի եւ Կիլիկիոյ Հայ եւ Լատին իշխանութեանց դէմ: Իրենց բուն դիտումը աշխարհակալութիւն չէր, եւ յետս մղուած ատեննին ալ աւարառութեամբ ու կոտորածով իրենց նպատակին կը հասնէին: Լատին իշխանութիւններ, երբեմն իրարու օգնական, եւ երբեմն իրարու թշնամի յեղյեղուկ բախտին հետեւանքները կը կրէին, եւ զիրար կոտորելու ալ վարանում չէին զգար: Հայեր չէին գիտեր թէ ինչ ուղղութեան հետեւէին, երբեմն Լատիններու օգնութեամբ կ՚օգտուէին այլազգին հալածելու, այլ իսկոյն Լատիններուն կողմէն այնչափ կը նեղուէին, որ Ջահան գաւառի Ապլասթա կամ Ալպսթան քաղաքի բնակիչներուն նման, այլազգեաց վստահելով Ֆրանկաց զօրագլուխին կը յայտարարէին. Արի', առ զազգդ քո եւ գնա, Աստուած ընդ քեզ (ՈՒՌ. 375), կամ թէ Ուռհայի մէջ հանդիպածին նման` կը պարտաւորուէին հազար դահեկանի փրկանքով ազատել իրենց հովիւը, զարքեպիսկոպոսն Հայոց զտէր Ստեփանոս, մինչ Լատիններ անոր զաչսն հանել ջանային, եւ յօժարութեամբ հեղումն առնէին արդար արանց եւ անմեղաց արեան (ՈՒՌ. 385): Մինչեւ իսկ 562 սահմի 20-ին, այսինքն է 1113 Մայիս 9-ին հանդիպածին նման, ոչ մնաց ինչ չարութիւն զոր ոչ ածին ի վերայ քաղաքին Ուռհայոց, անոնք, որ երբեմն մուրանալով գային առ նա, եւ ահա փոխանակ բարեացն զայս այսպէս գործեցին, եւ չար հատուցին ամենայն հաւատացելոց (ՈՒՌ. 408): Իբր թէ Քրիստոնէութեան պաշտպանութեան եկողներ էին, բայց քրիստոնէից օգնութեամբ զօրանալէ ետքը, արեւելեան քրիստոնէից դէմ կը դառնային, անոնց երկիրներուն տիրապետելու եւ անոնց հարստութիւնները գրաւելու նպատակով: Մենք նպատակ չունինք այդ եղելութեանց մանրամասնութիւնները պատմել, բաւական ըլլայ միայն յիշել, թէ երբ Գող Վասիլ, Կոմագինէի մէջ կը յաջողէր զինու զօրութեամբ եւ ճարտար քաղաքականութեամբ իրեն տէրութիւնը պահել եւ աւելի ալ զօրացնել ու ընդարձակել, նոյն յաջողութիւնն ունէր Թորոս Կիլիկիոյ մէջ: Իսկ Բարսեղ կաթողիկոս անոնց խորհրդատուն եւ խրատատուն էր, եւ իր միջնորդութեամբ կը ջանար փորձանքները հեռացնել Հայոց գլուխէն, որոնք նորանոր նեղութեանց հանդիպելով իրենց բնագաւառներուն մէջ` հետզհետէ կ՚աճեցնէին Կոմագինէի եւ Կիլիկիոյ գաղթականութիւնները:

919. ԱՆԻԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Այդ միջոցին արեւելքի մէջ Վրացիք էին, որ գերակշիռ դիրք ստանալ կը սկսէին: Վրաց թագաւորը Դաւիթ, Գէորգի որդին եւ Բագարատի թոռը, յաջողած էր իր տէրութեան խառնել Ափխազաց եւ Աղուանից թագաւոր Կորիկէի գաւառները, Տփղիսը առած էր Պարսկաստանի տիրապետողներուն ձեռքէն, եւ Մելիք սուլտանն ալ ընկճելով ի հարուածս սաստիկս` տիրապետած էր Գանձակի վրայ, եւ սրահանգ աւազակներէն 500 հոգի ի փայտ մահու կախել տուած: Անիի ամիրայ Մանուչէի մեռնելէն ետքը, անոր յաջորդած էր որդին Ապլսուար, այր անարի եւ կնամարդի, որ քաղաքը Կարսի ամիրային կ՚ուզէր ծախել: Անեցիք այդ բանին վրայ զայրացած, մանաւանդ իրենց կաթողիկէին վրայ խաչին տեղ նալ ծանրագին եւ բարձրահասակ, այսինքն խոշոր կիսալուսին մը դրուելէն ցաւած, Դաւիթին օգնեցին, որ քաղաքը գրաւէ, եւ նորէն խաչին նշանը կաթողիկէին վրայ բարձրացնէ: Ապլսուար եւ զաւակները գերի տարուեցան, իսկ Անիի մէջ կուսակալ թողուեցաւ Աբուլէթ Օրբելեան, եւ անոր օգնական որդին Իւանէ (ՎԱՐ. 119): Բայց երբոր Դաւիթ մեռաւ եւ որդին Դեմետր իրեն յաջորդեց, Ապլսուարի զաւակներէն Փատլուն, որ Խորասան մնացած եւ գերութեան չէր գացած, բաւական զօրութեամբ դարձաւ ի խնդիր հայրենի քաղաքին Անւոյ, եւ որովհետեւ քաղաքին սպառնացող վտանգը մեծ էր, Աբուլէթ իր եւ իր որդւոյն ազատութեան համար տեղի տուաւ, եւ Փատլուն Անիի տիրեց: Պահ մը բարւոք խնամարկեալ քաղաքին արար խաղաղութիւն, բայց յետոյ նորէն ուզեց կաթողիկէին վրայ կիսալուսինը նորոգել, Գրիգոր փակակալը բռնադատելով եւ բանտարկելով: Եկեղեցին ալ կողոպտել կ՚ուզէր, բայց յանկարծ հիւանդացեալ եւ ահաբեկեալ, Գրիգոր փակակալը ազատեց եւ կողոպտելու միտքէն հրաժարեցաւ (ՎԱՐ. 121): Փատլուն յաջողեցաւ նորէն Գանձակն ու Դուինը Վրացիներէն հանել, եւ իշխանութիւնը ընդարձակել, բայց սպաննուեցաւ, եւ տեղը անցաւ եղբայրը Խուշշեր, ասոր ալ քիչ ետքը միւս եղբայրը Մահմուտ, եւ այդ ամէն եղելութեանց հետեւանօք անկաւ դարձեալ ի թշուառութիւն երկիրն Անւոյ (ՎԱՐ. 122): Այս եղաւ բնագաւառի գաղթականութեանց շատնալուն, եւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ հայաբնակութեան ընդարձակուելուն սկզբնապատճառը:

920. ԳՈՂ ՎԱՍԻԼ ԵՒ ԹՈՐՈՍ

Թորոս` Կոպիտառի իշխանը, որ այլեւս Կիլիկիոյ իշխան ըսուելու չափ ընդարձակեր էր իր տէրութիւնը, մեծ յարձակում մը կրեց Պարսկաստանի Սելճուք հրոսակէն, որ Անարզաբայի կողմէն մտնելով արար աւար զամենայն երկիրն Թորոսի, եւ անկէ Գող Վասիլի սահմանները մտաւ Մարաշի դաշտին վրայէն, բայց Բերդուսի մօտ ընկրկեցաւ Վասիլի գունդերէն, որոնց Թորոս ալ միացաւ իրեններով, եւ միաբան սրով զհետ ընթացան, արարին անթիւ կոտորածս, եւ թափեցին զամենայն առ եւ զգերութիւն (ՈՒՌ. 380): Բերդուսի պատերազմը տեղի ունեցաւ 1107-ին, եւ միւս տարին նոյն այլազգիք վրէժխնդրութեան դարձան, բայց նորէն յաղթուեցան Հասանմսուրի կամ Հիւսնիմանսուրի պատերազմին մէջ, ուր մեծամեծ քաջութիւններ գործեցին Վասիլի զօրավարները, Ապլասաթ Տարոնցի Տաճատի որդի, Պետրոս Վասիլի քեռին, Վասիլ Կամսարական Տղայ կոչուած, եւ Տիգրան ի մեծամեծացն Հայոց (ՈՒՌ. 381), Հասանմսուրի պատերազմը տեղի ունեցաւ 1108-ին, հնձոց արմտեաց ատեն, որ է մերձաւորաբար Յունիսի վերջերը, նկատելով գաւառին եղանակը: Միւս կողմէն կը շարունակէին Լատիններուն իրարու դէմ պատերազմները: Բաղդովինոս Ուռհայի եւ Ճոսլին Թլպաշարի կոմսերը, յարձակեցան Անտիոքի Տանգրէտի կոմսին վրայ: Վասիլի զինուորներէն 800 հոգի ալ իրենց հետ էին, այլազգիներու դէմ երթալու պատրուակով առնուած (ՈՒՌ. 383): Բախտը Տանգրէտիի յաջող եղաւ, եւ Բաղդովինոս տեղւոյն քրիստոնեաներու վրայ ծանրացաւ, եւ Ապլասաթ Տարոնցին` որ խռովութեան աղագաւ Վասիլէ բաժնուած էր, ոչ հաճեալ ի գործ Ֆրանկին, նորէն Վասիլի դարձաւ խոցեալ ի բազուկն (ՈՒՌ. 386): Նոր յարձակում կրեց Թորոս 1110-ին, բայց այս անգամ ակնածեալ ի բազմութենէ զօրաց թշնամւոյն, թող տուաւ որ աւարաւ գոհանան ու ետ դառնան, մանաւանդ որ Վասիլ ալ ազատ չէր իրեն օգնութեան հասնիլ: Ասկէ ետքը պահ մը Թորոս զինքն հանդարտ զգաց, վասն զի ուրիշ կողմեր սկսան ուղղուիլ աւերիչ հրոսակները, եւ ինքն պարապ գտաւ իր իշխանութիւնը կարգադրել: Այդ միջոցին հաւանական կ՚երեւի, Բարսեղի պահ մը Կիլիկիոյ իշխանութեան սահմաններուն մէջ գտնուիլը, եւ Թորոսի օգնելը ներքին բարեկարգութեանց մասին:

921. ՄԱՆՏԱԼԵԱՆՑ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թորոս ուզեց իր իշխանութիւնը ընդարձակել դէպի Կապադովկիա, եւ այդ նպատակով տիրեց Կինտրոսկառիս բերդին, որ է նոյնինքն Մանտալեան եղբայրց Կիզիստռա բերդը, ուր տեղի ունեցած էր Գագիկ Աշոտեանի սպանութիւնը 874): Կ՚երեւի թէ Թորոս այլեւս մոռցած էր Մանտալեան եղբայրներուն ոճիրը, որոնց երեքն ալ դեռ կենդանի էին, վասնզի մինչեւ իսկ մի ի նոցանէ ունէր ընդ Թորոսի միաբանութիւն վասն խնամութեան: Այդ առթիւ Մանտալեանք խոստացեալ էին տալ զբերդն Թորոսի, եւ Թորոս պայմանին գործադրութեան համար այն կողմերը գնաց, եւ յայտարարեց, թէ առ իս խոստումն կամ ձեր` վասն բերդին, տո'ւք ի յիս (ՈՒՌ. 397), իսկ իրենց ալ կ՚առաջարկէր, յամենայն գաւառս իմ առէք ձեզ տեղի զոր կամիք: Մանտալեանք զլացան խոստումնին կատարել, եւ պատասխանեցին. ոչ կարեմք տալ զբերդն. վասնզի մեր հայրենիք է եւ ազգի տեղիք: Թորոս բարկացաւ, բերած ընծանին ետ ըրաւ եւ սպառնացաւ, յայսմհետէ պատրաստ եղերուք յինէն: Գիշեր ատեն բերդին չորս կողմը դարանակալներ զետեղեց, իսկ ինքը` իբր թէ կը փախչէր, հրամայեց իրեններուն վազել: Բերդեցիք փախչողները հալածելու համար դուրս ելան, եւ Թորոսի դարանակալները բերդը մտան ու գրավեցին, եւ Թորոսի ալ լուր տուին, որ այս կերպով Կիզիստռայի տիրացաւ, վասն զի անառիկ էր բերդին դիրքը: Մանտալեաններուն երեքն ալ կալանաւորուեցան, Թորոս անոնցմէ պահանջեց Գագիկին սուրն ու զգեստները, եւ յանձնեցին, բայց իրենց գանձերը յայտնել զլացան: Թորոս հրամայեց ի խոշտանգանս արկանել առաջինը, որ ուզեց ի քարակտուրն երթալ, պատճառանօք զի ջուր հեղցէ, բայց ժայռէն վար ցատկեց, եւ անդէն մեռաւ (ՈՒՌ. 399): Երբոր երկրորդը սկսան ի վտանգ արկանել, նա խրոխտաբար Թորոսի դիմադրեց, դու Հայ մարդ ես, եւ մեք Հոռոմ իշխանք, զի՞նչ կամիս պատասխանիս տալ Հոռոմոց թագաւորին, որ դատես զմեզ: Թորոս չկրցաւ ինքզինքը զսպել, կռանի բիր մը ձեռք անցուց եւ սկսաւ չարաչար հարկանել. գոչելով` Ո՞վ էիք դուք, որ զօծեալ թագաւորն Հայոց սպանիք. այնպէս որ մարդը հարուածին տակ մեռաւ: Անկէ ետքը ամէն կողմ խուզարկել տալով բազում գանձս գտաւ, խաչս յոյժ մեծամեծս արծաթիս, եւ պատկեր ոսկեձոյլ, եւ երրորդ եղբայրն ալ տարաւ փակեց Վահկայ բերդը: Կիզիստռայի մէջ Հայ բերդապահներ զետեղեց (ՈՒՌ. 400), եւ բերդին բնակիչները տեղափոխեց Պառատիս գետին եզերքը (ՍՄԲ. 91): Այսպէս լուծուեցաւ Գագիկի սպանութեան վրէժը, զոր Ռուբէն զգացած էր առաջին անգամ 894), այլ իր թոռը կրցաւ լրացնել զայն 1111-ին, ոճիրէն 32 տարի ետքը:

922. ՄԱՀԸ ԳՈՂ ՎԱՍԻԼԻ

Նոր արշաւանքը 1112-ին, միշտ նոյն Մահմուտ զօրավարին կողմէն, որուն Մուհամմէտ Սափար սուլտան յանձնած էր արեւմտեան բանակին հրամանատարութիւնը: Զատկի մեռելոցին Ուռհայի վրայ կու գայ, եւ էր սահմի ամսոյ մուտ կ՚ըսէ պատմիչը (ՈՒՌ. 401), իրօք ալ 561 սահմի ամսամուտը կ՚իյնար 1112 Ապրիլ 22-ին, եւ Ապրիլ 21-ին հանդիպած էր Զատիկը: Մահմուտ ութ օր ի զուր աշխատելէ ետքը իջանէր ի Սուրբ Վկայքն, որ է Մարտիրոպոլիսը կամ Նոփրկերտը, եւ Եղիայի շաբաթ օրն, այսինքն Յունիս 15-ին կը հասնէր Սրուճ, եօթն օր ալ այնտեղ մնալէ ետքը կը դառնար Ուռհայ, եւ մատնութեամբ քաղաքը կը գրաւէր, բայց վրայ կը հասնէր Ճոսլին Թլպաշարի կոմսը, եւ քաղաքացիներուն հետ միանալով Թուրքերը կը վանէր, սակայն Բաղդովինոս եւ Ճոսլին բազում արիւն հեղին յանմեղ քաղաքացեացն, որ ոչ էր հաճելի Աստուծոյ (ՈՒՌ. 403): Տանգրետի Անտիոքի կոմսը, որ այնչափ օգնութիւն ալ տեսած էր Վասիլէ, յանկարծ անոր վրայ կը յարձակի, անշուշտ պատճառելով անոր յանգէտս Բաղդովինոսի եւ Ճոսլինի օգնած ըլլալը 920) եւ Ռապան քաղաքը կը գրաւէ, բայց Վասիլ Հասանմսուր եւ Թորէբ եւ Ուրիմ աւանները թողլով, զորս նոր գրաւած էր Լատիններէն, Ռապանը կ՚ազատէ, եւ հաշտութիւն կը կնքուի: Այս դիպուածէն ետքը երկար չեն ըլլար Վասիլի օրերը, որ նոյն տարին արեգի 24-ին (ՈՒՌ. 404), այսինքն 1112 Հոկտեմբեր 12-ին կը կնքէ կեանքը: Վասիլ իր ժամանակին իշխանն Հայոց (ՈՒՌ. 404) եւ իշխանաց իշխան (ՎԱՐ. 117) ըսուելու դիրքը գրաւած էր, վասնզի իր շուրջն էին հաւաքուած ամենայն զօրքն Բագրատունեաց եւ Պահլաւունեաց, աթոռ հայրապետութեան Հայոց աշխարհին իր հովանաւորութեան ներքեւ կը մնար, երամք կրօնաւորաց եւ եպիսկոպոսաց, հարց եւ վարդապետաց իրեն շուրջը ժողվուուած կային մեծ ուրախութեամբ (ՈՒՌ. 404), եւ տիրեալ էր բազում բերդից եւ գաւառաց (ՎԱՐ. 117): Բարսեղ կաթողիկոսն էր Վասիլի հոգեբարձու եւ հայր խոստովանութեան (ՈՒՌ. 404), եւ նա հոգաց զտունն նորա: Վասիլ ժառանգ չունէր, իր զօրավարներէն Ապլասաթ եւ Տիգրան առաջ սպաննուած էին ի Թուրք զօրացն (ՈՒՌ. 46), քեռին Պետրոսն ալ կենդանի եղած պիտի չըլլայ, որով Բարսեղ կաթողիկոս արար միաբան ժողով (ՈՒՌ. 405), եւ Գող Վասիլի յաջորդ հռչակեց Վասիլ Կամսարականը, Տղայ մականուանեալ, որ էր ձեռնասուն մեծ Վասլին (ՎԱՐ. 117), եւ ամէնքն ալ հաւանեցան եւ ուրախացան: Վասիլ մեծը թաղուեցաւ Կարմիր վանքը, ուր Վկայասէրն ալ թաղուած էր 912), եւ այդ առթիւ նուիրուեցան, 1000 դահեկան իբր հողադրամ, եւ պատարագաց հարիւր եւ յիսուն դահեկան, աւելի եւ ոչ պակաս, եւ մատաղ անթիւ (ՈՒՌ. 404):

923. ԾՈՎՔԻ ԱՊԻՐԱՏԸ

Վասիլի մահուընէն քիչ յառաջ, թէպէտ թուականը ճշդուած չէ, եւ վերոյիշեալ արշաւանքներուն մէկուն մէջ տեղի կ՚ունենար Ծովքի իշխան Ապիրատի մահն ալ: Ծովքի դղեակը, որ պահ մը Խարբերդի Կէօլճիւկը կարծուած էր, Կիւլեսէրեանի հետազօտութեամբ այժմեան Տլուքի հետ կը նոյնանայ (ԾՈՎ. 44): Փոքրիկ Հայ իշխանութիւն մը եղած էր կանուխէն, եւ թերեւս անոր հիմնադիր եղած էր Մագիստրոսի փեսան, որուն անունը անծանօթ մնացած է հակառակ գրագէտներու ազգակից եւ մատենագիրներու նախահայր ըլլալուն: Նշանաւոր գործ մըն ալ իր վրայ չպատմուիր, բայց շատ ծանօթ են իր զաւակները, երէցը Ապիրատ, որ հօրը յաջորդեց, եւ երկուքն ալ Վահրամ եւ Վասակ, որք վեհափոյն փառս ընկալել, զպատերազմ ազանց վանեալ, հակառակաց յաղթող գտեալ, զինու զօրութեամբ կրցան իրենց իշխանութիւնը արշաւանքներու դէմ պաշտպանել (ՉԱՓ. 547): Ծովքի իշխանին չորրորդ զաւակն էր Գրիգոր, որ Եգիպտոսի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Վկայասէրէն 882): Ապիրատ անունը` որով կոչուած է երէց որդին զնախնական անունն առեալ (ՉԱՓ. 553), եւ Ծովքի սերունդին Պահլաւունի անունը, փաստեր են որք առաջին իշխանին եւ Մագիստրոսի փեսային ալ բնիկ Պահլաւունի ցեղէ եղած ըլլալուն կը նպաստեն, որ Պահլաւունին ազգաւ սերեալ ալ ըսուած է (ՉԱՓ. 552): Ապիրատ իշխանին զաւակներէն էին Գրիգոր եւ Ներսէս, որոնք իբր կաթողիկոսացու յանձնարարուեցան Բարսեղի, Վկայասէրին կողմէն իր վերջին օրերը 912): Ներսէսի պատմածին համեմատ վահանաւորք եւ նիզակաւորք մեքենայիւք կը պաշարեն Ծովք դղեակը, բայց ստնանել ոչ կարացեալ, եւ թշնամեաց հալածեալ եղած ատեն, շինական մը յաղթական Ապիրատի կը ձայնէ` որ վահանաւն էր պարփակեալ, եւ մինչ սա նայելու կը դառնար, հագարացի ոմն կը դիտէ այն վայրկեանը երբ իշխանին կողը ունայնացեալ էր ի վահանէն` որով ծածկեալ էր, եւ երեքթեւեան եռաթունեալ նետով կողէն կը խոցէ: Թէպէտ Ապիրատ զարնողին զկնի արձան մեծ թաւալեալ, եւ զյաղթանդամըն ջախջախեալ կը սպաննէ, սակայն ինքն ալ թունաւոր խոցէն չ՚ազատիր, եւ յետ փոքու վերափոխեալ կը վախճանի, ի շիրիմ հարցն ամփոփեալ, եւ ընդ վկայսն պսակեալ (ՉԱՓ. 554): Այդ Ապիրատն է, որուն երկու զաւակները տղայութենէ եկեղեցականութեան սահմանուած, եւ Վկայասէրին խնամոց ներքեւ մտած, եւ Բարսեղէ հովանաւորուած նշանաւոր կաթողիկոսներ եղան: Իսկ միւս երկու զաւակները Վասիլ ու Շահան զինուորական կեանքի հետեւեցան, բայց անոնց ալ զաւակները կաթողիկոսացան, որք են Տղայ եւ Ապիրատ Գրիգորները: Պատմութիւնը չի ճշդեր թէ Ապիրատի մահուընէ ետքը` անոր եղբայրներէն կամ զաւակներէն որը անցաւ անմիջապէս Ծովքի իշխանութեան գլուխը:

924. ԲԱՐՍԵՂԻ ՄԱՀԸ

Ներսէս իրենց մարմնաւոր հօր մահէն յետ սակաւ ամաց կը դնէ ի միւս հօրէն հոգւոյ զրկեալ ըլլալնին (ՉԱՓ. 555), բայց մահուան պարագաները կը լռէ, որ արկածի մը հետեւանք եղած է: Թուական նշանակուած է 562 տրէ 5 (ՈՒՌ. 411), որ կը համեմատի 1113 Մայիս 26-ին: Բարսեղ արդէն քահանայական ձեռնադրութիւն տուած է Գրիգորին` կտակեալ յանձնարարութիւնը լրացնելու համար, նոյն օրեր Վարդավառի տօնին, այսինքն Յուլիս 13-ին եպիսկոպոսութիւն ալ տալու համար, հրաւիրեալ էր զեպիսկոպոսունս եւ զվանօրայս երկրին եւ զիշխանսն (ՎԱՐ. 116): Միւս կողմէն գարնանային եղանակէն օգտուելով Վարդահեր գիւղը կ՚երթայ Քէսունի կամ Պէհէսնիի մօտերը, ուր տանիքի մը վրայ կը գտնուէր աղօթքի համար, աշակերտօք, քահանայիւք եւ եպիսկոպոսօք մէկտեղ, երբ յանկարծ տանիքը անկաւ եւ կործանեցաւ տունն, եւ Բարսեղի հարաւ կողն ընդ պարիսպ տանն եւ բեկաւ (ՈՒՌ. 411): Ուրիշ մէկ բացատրութեան համեմատ Շուղրի կամ Կարմիր վանքին մէջ տեղի ունեցած է արկածը, նորաշէն տուն մը նայած ատենը, ուր հեծան գերան մը բարձրացուցած ատեննին, գործաւորներուն զերծեալ ի ձեռացն անկաւ ի վերայ Բարսեղի, եւ մահացու վիրաւորեց (ՎԱՐ. 116): Երկու պատմութիւնները մերձեցնելու համար կրնանք դիտել, թէ Վարդահեր Շուղրի վանքին մօտ լինելուն, կրնային անխտիր յիշուիլ, թէ տանիքն ալ, ուր ելած էր կաթողիկոսը, կէս շինուած տունի մը տանիքը եղած կրնայ ըլլալ, ինչ որ աւելի հաւանական կ՚ընէ անակնկալ փլչիլը: Սակայն կործանուած տունի մը մէջ, ոչ ումեք եղեւ վնաս, բայց միայն տեառն Բարսղի ըսուիլն ալ (ՈՒՌ. 411), գերանի մը զարնուելուն ենթադրութեան կցել կը թելադրէ: Ինչպէս ալ ըլլայ, կաթողիկոսը իսկոյն Կարմիր վանքի հայրապետանոցը կը փոխադրուի, եւ երբ կը զգայ որ հարուածը վտանգաւոր է, եւ Վարդավառին հասնիլը կասկածաւոր, առանց սպասելու ձեռնադրութիւնը կը կատարէ եւ տայ Գրիգորի զաստիճանն եպիսկոպոսութեան (ՎԱՐ. 116): Նշանակութեան արժանի է, որ Բարսեղ կը փութայ Գրիգորը եպիսկոպոսութեան բարձրացնել, որպէսզի կաթողիկոսութիւնը ապահովուի, ինչ որ կաթողիկոսներուն եպիսկոպոսաց դասակարգէն առնուելուն կանոնը կը հաստատէ: Բարսեղի արկածէն մինչեւ մահը անցած օրերը, 3 (ՈՒՌ. 411), կամ 5 (ՎԱՐ. 116), կամ 7 (ՉԱՄ. Գ. 35) ըսուած են, որով չենք կրնար ճշդել արկածին օրը: Մահուան օրն ալ որ տրէ 5 ըսինք, ուրիշներէ 7 գրուած է (ՉԱՄ. Գ. 35), որ է Ե եւ Է թուատառերուն շատ սովորական եղած գրչագրական փոխանակութիւնը: Ամէն առթի մէջ եղելութիւնը Յինանց երրորդ շաբթուն տեղի ունեցած է, զի այն տարին Մայիս 20-ին կ՚իյնար Աշխարհամատրան Կանաչ Կիրակին: Բարսեղի մարմինը թաղուեցաւ Շուղրի Կարմիր վանքին մէջ Վկայասէրին գերեզմանին մօտը (ՈՒՌ. 412):

925. ԲԱՐՍԵՂԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Այսպէս վերջացաւ արդիւնաւոր կաթողիկոսի մը կեանքը, երբ տակաւին կրնար աւելի երկար ատեններ օգտակար ըլլալ ազգին եւ եկեղեցւոյն: Գրեթէ 40 տարի էր յորմէհետէ եկեղեցական գործերու գլուխը կը գտնուէր Բարսեղ` Անիի եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ի վեր 887), 32 տարի էր աթոռակից կաթողիկոսութենէն 896), եւ 8 տարի միայն բուն կաթողիկոսութիւնը 916), եւ չենք կարծեր որ 60 կամ առաւելն 65 տարեկանէ աւելի եղած ըլլայ մեռած ատենը, որովհետեւ Պահլաւունեաց սովորական կերպով` առաջին երիտասարդութենէ բարձրագոյն աստիճաններու կը հասնէին նոյն տոհմէ եղող եկեղեցականները: Որոշ տեղեկութիւն տրուած չէ իր ուսումնական արժանիքին համար, զոր շատ մեծ չենք ենթադրեր, իբր զի Անիի մէջ գրական շրջանակներէ հեռու կը մնար, եւ կ՚երեւի իսկ թէ Ապիրատ Հասանեանի միւս զաւակներուն նման սկիզբէն զինուորական եւ քաղաքական կեանքին հետեւած էր, երբ մօրեղբօրը կամքով Անիի եպիսկոպոսութեան ձեռնադրուեցաւ, ազգային եկեղեցական շահերու պաշտպանութեան համար: Ինչ որ Բարսեղի անունն ու արդիւնքը կը բարձրացնէ` իր վարչական կարողութիւնն է, որով գիտցաւ օտարներու ձեռաց ներքեւ Հայաստանեայց եկեղեցին պաշտպանել, տիրապետողները մարդասէր կառավարութեան յորդորել, Մելիքշահէ նշանաւոր ազատութիւններ ընդունիլ, բազմացած կաթողիկոսները վերջացնել, կաթողիկոսութեան ամբողջ գործառնութիւնները ստանձնել, իր մօրեղբօր ու գլխաւորին պատիւը բարձր պահել` հակառակ անոր ձեռնթափութեան, եւ վերջապէս նորահաստատ Հայ իշխանութեանց խորհրդական ու քաջալերիչ ըլլալ: Իրաւամբ կ՚ողբար Շնորհալին այսպիսի հայրապետի մը անակնկալ կորուստը, թէ ըստ մեղաց մեր յաճախեալ նմին օրհասըն պատահեալ, եւ մեք կրկին թշուառացեալ ի փրկութեանց անյոյս եղեալ (ՉԱՓ. 556):

926. ՄԵՂՐԻԿ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ

Վկայասէրի եւ Բարսեղի հայրապետութեան միջոցին ծաղկած եկեղեցականներուն մէջ, առաջին պիտի յիշենք Գէորգ վարդապետը, բնիկ Վասպուրականցի, Անալիւր գիւղէն, թերեւս այժմեան Ալիւրը, մականուն Մեղրիկ կոչեցեալ սակս քաղցրուսոյց վարդապետութեան, որ Կիլիկիա գաղթող վարդապետներէն մեկն եղաւ, եւ նորոգեց ու պայծառացուց Դրազարկի վանքը (ՎԱՐ. 117), Սիսի մօտերը: Դրազարկ հետզհետէ աւելի նշանաւոր եղաւ իբրեւ իշխաններու եւ թագաւորներու եւ կաթողիկոսներու դամբարան: Մեղրիկ սուրբ եւ սքանչելի եւ մեծ ճգնաւոր մը ըլլալէ զատ (ՎԱՐ. 117), հայր խոստովանութեան լինէր ամենայն Հայաստանեայցս, եւ դարձուցանէր զամենեսեան ի ճանապարհս լուսոյ(ՈՒՌ. 418): Իր գրական աշխատութեանց մէջ կը յիշուին եկեղեցական բարեկարգութիւնք եւ ճաշոցի կարգաւորութիւն (ՀԻՆ. 604), բայց աւելի կրօնաւորական կանոններու հեղինակ կը ճանչցուի, եւ ինքն ալ 50 տարի խստակրօն կեանքէ ետքը 70 տարեկան վախճանած է Հայոց 563-ին (ՈՒՌ. 412): Յայսմաւուրքը Յուլիս 30-ին կը դնէ յիշատակը (ՅԱՍ. Բ. 49), սակայն եթէ հրոտից 24-ը ամուր բռնենք, 1115 Փետրուար 9-ին պիտի դրուի մահը, շարժական եւ սովորական տոմարով: Ժամանակիս մէջ կրօնաւորութեամբ եւ առաքինութեամբ երեւելի եղած անձերուն մէջ, կը յիշուի եւս Մարկոս Մոկացի, որ առաջ իր գաւառին Կոհգանակ լեռը (ՈՒՌ. 373), եւ յետոյ Մարաշի Կոնկըռնաթ լեռը ճգնեցաւ, հրաշքով ջուր ալ բղխեցուց, Երուսաղէմի Լատին թագաւորութեան իյնալն ալ գուշակեց, եւ 1105-ին վախճանելով Վահկայ բերդին մօտ Կաստաղոնի վանքը թաղուեցաւ (ՈՒՌ. 374): Կը յիշատակուին եւս Երեմիա Անձրեւիկ, որ 30 տարի ջորակեր ապրեցաւ եւ տարիներով լուռ մնաց (ՎԱՐ. 121), եւ Պետրոս Խանթկայորդի ու Յակոբ Սքանչելի, որք տեսիլքներու արժանացած ճգնաւորներ եղան (ՎԱՐ. 122): Կրօնաւորեալ կիներ ալ եղած են Խորասու եւ Մարիամ, Աղուան թագաւորազուններ, որոնք քաշուած էին Ձորոփոր գաւառի Քոբայր վանքը, եւ Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետի խրատներով կ՚առաջնորդուէին (ՎԱՐ. 122): Գրաւոր արդիւնքով ծաղկողներուն կարգին յիշենք Վկայասէրի երկու աշակերտները, Կիրակոս եւ Մատթէոս թարգմանիչ վարդապետները 886), Սիսիանոս Սեբաստացին (ՀԻՆ. 605), Գրիգոր եւ Յովհաննէս Անեցիները (ՀԻՆ. 615), Սարգիս Կունդը (ՀԻՆ. 615), Գրիգոր Իմաստասէրը (ՀԻՆ. 662), եւ Կիրակոս Դրազարկեցին, որ երեւի նոյնինքն Կուրոս Դրազարկեցի կոչուածը (ՈՒՌ. 460), իբր կանոնագիր հռչակուած, որոնց մանր գրուածներ կը վերագրուին ժողովածուներու մէջ: Իսկ գլխաւոր գրողներուն մասին, լաւագոյն կը սեպենք խօսիլ Գրիգոր Գ. ժամանակն ալ լրացնելէ ետքը: