Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ՆԵՐՍԷՍ Դ. ԿԼԱՅԵՑԻ

961. ՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՒ ՄԱԿԱՆՈՒՆ

Ներսէսը իբրեւ նոր անձնաւորութիւն մը չենք նկատեր կաթողիկոսական աթոռ բարձրացած ատեն: Արդէն յիշատակած ենք Ծովքի իշխան Ապիրատի որդի եւ Մագիստրոսի թոռնորդի ըլլալը 867), իր կաթողիկոս եղբօրմէն 5 կամ 6 տարեկան պզտիկ, որով շուրջ 1100-ին ծնած կ՚ըլլայ Ծովքի դղեակին մէջ: Պատմեցինք արդէն իր առաջին կրթութիւնը Շուղրի Կարմիրվանքին մէջ Ստեփանոս Մանուկ առաջնորդին ձեռքին տակ եւ Բարսեղ կաթողիկոսի պաշտպանութեան ներքեւ 917), քահանայութեան ու եպիսկոպոսութեան աստիճաններն առած իր եղբօր ձեռնադրութեամբ` տակաւին երիտասարդական տարիքին մէջ 936): Յիշեցինք Անտիոքի Լատին ժողովին ներկայութիւնը 939): Շպղթանի աղանդաւորներուն ուղղած վարդապետական գիրը 947), Թորոսի ու Օշինի մօտ հաշտարար պատգամաւորութիւնը 950), եւ վերջապէս Ալեքս դուքսին յանձնած հաւատոյ գիրը 951): Ներսէսի տրուած եւ նուիրագործուած Կլայեցի մականունը, իր ծննդավայրէն չէ, այլ պարզապէս հայրապետանոցին Ծովքէն Հռոմկլայ փոխադրուելէն ետքը 944), հաստատուն կերպով այնտեղ բնակած ըլլալէն, որով պատահական պարագայէ մը յառաջ եկած կ՚ըլլայ այդ մականունը: Բայց Կլայեցիէ աւելի գործածական է Շնորհալի մակդիր անունը, թէպէտ այս ալ բացառաբար յատուկ չէ Ներսէսի, որ միայն ու միայն իրեն սեփականուած անուն մը կարծուի: Կարմիրվանքի աշակերտներէն եւ Ներսէսի աշակերտակիցներէն Իգնատիոս եւ Սարգիս եւ Բարսեղ վարդապետներն ալ այդ մականունով կոչուած են, եւ իրաւունք ունինք կարծել, թէ Ստեփանոս Մանուկի աշակերտական խումբին ընդհանուր կերպով տրուած կոչում մը եղած է 917), բայց այսօր Շնորհալի անունը առանց ուրիշ յաւելուածոյ, նոյն խումբին նշանաւորագոյն անհատին, Ծովքեցի կամ Պահլաւունի կամ Կլայեցի Ներսէս Դ. կաթողիկոսին` իբր առանձնայատուկ կոչում ընդունուած է: Ներսէս կաթողիկոսական աթոռ բարձրացած միջոցին` արդէն ալեւորեալ հերովք եւ լցեալ զժամանակս անձ մը եղած էր (ԸՆԴ. 86), իբր 66 տարեկան եւ իր կեանքին լաւագոյն մասը մաշած էր արդէն հայրապետանոցի մէջ իր եղբօր մօտ, իբրեւ անոր փոխանորդը կամ ընդհանուր քարտուղարը, եւ ստէպ ալ իբր տեղակալը, որով ոչ գործի եւ ոչ կեանքի տարբերութիւն մը կը բերէր անոր վրայ կաթողիկոս հռչակուած ըլլալը:

962. ԳՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Ներսէսի նախընթացը կը յորդորէ մեզ աւելցնել, թէ անոր գրական աշխատութեանց մի մեծ մասը, պէտք է կաթողիկոսութենէ առաջ միջոցին մէջ դնել, երբ առոյգ հասակը եւ պաշտօնական պատասխանատուութեան նուազութիւնը` կրնային անոր դիւրութիւն ընծայել այսպիսի աշխատութեանց պարապելու, ինչ որ շատ դժուար պիտի ըլլար ծերացած տարիքին եւ հայրապետական զբաղումներով ծանրաբեռնուած կեանքին մէջ: Արդէն ալ առակներ կամ հանելուկներ (ՉԱՓ. 500-584), քերթողական ոտանաւորներ (ՉԱՓ. 326-350), փոքրիկ տաղեր (ՉԱՓ. 315-477), աւելի երիտասարդական աւիւնի արտադրութիւններ են, քան ալեւորեալ տարիքի: Վիպասանութեան (ՉԱՓ. 493-559) վերջը ինքզինքը համբակ նուաստացեալ կ՚անուանէ, եւ քահանայ օծեալ ըլլալը պատմելով, եպիսկոպոս եղած ըլլալը չի յիշատակեր: Յիսուս Որդի ողբերգութեան (ՉԱՓ. 9-166) վերջն ալ Գրիգորի կաթողիկոս եւ Վասիլ իշխան եղբայրները տակաւին կենդանի կը ցուցնէ: Հարկաւ Եդեսիոյ ողբն ալ քաղաքին հարուածին 944), այսինքն 1144-ին մօտ ատեն գրեց, եւ ոչ երկար ատեն անցնելէն ետք: Զանց ընելով ուրիշ գրուածներուն վրայ ալ դիտողութիւններ ընել, ինչ որ մեզ մատենագրական նիւթերու կը տանէր, իբր պատմական պարագայ պէտք է յիշենք Ներսէսի վրայ երեւցած բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան ձիրքերը, զորս առատօրէն գործածեց եկեղեցական արարողութիւնները հարստացնելու եւ բարեկարգելու համար: Այդ իմաստով կ՚իմանանք այր բանաւոր բացատրութիւնը, որով բազում ինչ կարգեաց յեկեղեցիս քաղցր եղանակաւ եւ խոսրովային ոճով, շարականս, մեղեդիս, տաղս եւ ոտանաւորս (ԿԻՐ. 67): Նկատելով որ շատուշատ են Ներսէսի գրիչէն եկեղեցական պաշտամանց յաւելուածները, եւ շատ երկար չեն իրեն կաթողիկոսութեան տարիները, անհաւանական ենթադրութիւն չենք համարիր, որ անոնց մի մասը նոյնիսկ իր եղբօրը կաթողիկոսութեան միջոցին պաշտօնապէս կիրառութեան մուծած ըլլան եկեղեցիներու մէջ, եւ հետզհետէ տարածուած: Ներսէսի յատուկ է յանգաւոր եւ վանկաչափ ոտանաւորներու կազմութիւնը, որոնց օրինակները հազիւ թէ կը տեսնուին իրմէ առաջ, բայց իրմով մեծ ընդարձակութիւն եւ սովորական կիրառութիւն ստացան: Ութոտնեան տողերը, որ այնչափ ընտանի եղած են Շնորհալիին, թէպէտ նշանակելի քաղցրութիւն չունին, սակայն երգեցողութեան յարմարութիւն կը ներկայեն, եւ իմաստներու ազնուութեամբ եւ վեհութեամբ սիրելի եղած են: Ներսէս եկեղեցիէ դուրս ալ ջանացած է տարածել իր բանաստեղծական եւ երաժշտական սէրը, եւ ոչ միայն առակները գրած է վասն ուրախութեան մարդկան (ՉԱՓ. 560), այլեւ աշխատած է որ թէ հնար իցէ, ոչ ոք խօսիցի խօսս աշխարհականս` բաց ի գրոց, ոչ ի գինարբուս, ոչ յայլ ուրախութիւնս եւ այս նպատակն ունին անշուշտ խրատները, ներտաղականները, յորդորակները, տաղերը, որոնք հասած են մեզի: Նոյնիսկ Յիշեսցուք ն ալ, որ այսօր ժամերգութեանց մէջ մտած է, գրուած է անոնց համար` որ պահէին զբերդն Հռոմկլայի, զի փոխանակ վայրապար ձայնից զայն ասասցեն (ԿԻՐ. 68): Այսպէս յայտնի կը փայլի այն գրական աւիւնը` զոր ունեցած է քերթող հայրապետը, իր առաջին տարիքէն սկսելով:

963. ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹԸ

Այդպիսի ձիրքերով օժտած մէկ մը, պէտք էր իր հայրապետութեան սկզբնաւորութիւնն ալ գրական նշանաւոր արտադրութեամբ նուիրագործէր, եւ այդ ոգւոյն արդիւնքն է Թուղթ Ընդհանրականը, զոր իբրեւ անդրանիկ կոնդակ օրհնութեան ուղղեց առ համօրէն հայասեռ ազինս (ԸՆԴ. 1), որ տիպար գրուած մըն է իր տեսակին մէջ, եւ իր պարունակութեամբ կատարեալ բովանդակութիւն մըն է իւրաքանչիւր դասակարգի կրօնական եւ եկեղեցական պարտաւորութեանց: Ընդհանրականը իր հրատարակութենէն մինչեւ մեր օրերը, ութը դարերու ընթացքին մէջ, բան մը կորուսած չէ իր զօրութենէն եւ ազդեցութենէն. եւ այսօր ալ տակաւին լաւագոյն եւ ընտրելագոյն ձեռնարկն է եկեղեցական կանոնաց, եւ եկեղեցական բարեկարգութեան լաւագոյն ուղեցոյցն է: Ներսէսի կաթողիկոս օծուելէն մինչեւ կաթողիկոսութեան աթոռը պաշտօնապէս գրաւելը` երից ամսոց միջոց մը անցաւ (ԸՆԴ. 3), եւ հաւանաբար այդ միջոցէն օգտուեցաւ նա Ընդհանրականը պատրաստելու, վասնզի այնպէս կ՚երեւի որ ճիշդ այդ երեք ամիսներուն վերջանալուն հրատարակեց նա իր հովուականը, որուն յառաջաբանին մէջ տակաւին գործի ձեռնարկելու պատրաստուողի մը լեզուով կը խօսի, եւ ոչ թէ արդէն գործի վրայ գտնուողի պէս: Կը դիտէ թէ ազգը ցրուած է ի սեփական աշխարհս Հայաստանեայց, յարեւմտեան կողմանս, ի միջերկրեայս, եւ յիւրաքանչիւր եզերս աշխարհաց (ԸՆԴ. 1), իսկ ինքն մեկուսի եւ հեռացեալ բազմամարդ Հայութեան կեդրոններէն, անկիւն մը քաշուած է, իբրեւ զայծեամն յորսորդաց եւ ի շանց փախուցեալ` ի քարանձաւս բնակելով (ԸՆԴ. 7), եւ ոչ ալ գոյ իւր ազգի քաղաք թագաւորական եւ բազմաժողով, ուր հաստատուած ըլլայ աթոռ հայրապետութեան եւ վարդապետութեան, եւ ուր նստելով ուսուցանէ (ԸՆԴ. 6), ուստի ինքզինքը պարտաւորուած կը զգայ գրով ձեռին խօսիլ որպէս բերանով: Իր գիրը կ՚ուղղէ ընդհանուր կերպով` եկեղեցական դասակարգէն` քահանայապետաց եւ քահանայից, վանականաց ու քաղաքայնոց, իսկ աշխարհական դասակարգէն իշխանաց եւ իշխեցելոց, զինուորաց դասուց, ձիավարժից եւ հետեւակաց, գաւառապետաց եւ գործակալաց, տանուտէրաց եւ երկրագործաց, վաճառականաց եւ արուեստագիտաց (ԸՆԴ. 1), բայց ետքէն իր գրութիւնը զատ զատ մասերու կը բաժնէ իւրաքանչիւր դասուն պէտք եղածը ամփոփելու համար: Հայրապետական օրհնութիւնը կը ձօնէ յաստուածընկալ եւ փրկական սրբոյ նշանէս, յառաքելական նշխարաց, ի սուրբ Լուսաւորչին մերոյ աջէն, եւ յաթոռոյս (ԸՆԴ. 1): Որչափ եւ Ընդհանրականը ծանօթ եւ ընդարձակ գրուած մը ըլլայ (ԸՆԴ. 1-83), սակայն անհրաժեշտ կը նկատենք գոնէ հակիրճ ամփոփում մը տալ այստեղ:

964. ԿՐՕՆԱՒՈՐԱՑ ՄԱՍԸ

Առաջին գլուխը կ՚ուղղէ առ կրօնաւորս որ ի վանօրայս (ԸՆԴ. 17-34), որոնց տրուած ընդհանուր կանոններէն եւ խրատներէն զատ, իբր բարեկարգական օրէնք կը պատուիրէ, որ միաբանութիւնը թողլով առանձին չբնակին, եւ զանձին աշխատութիւն իւր միայնոյ ամբարելոյ չհետեւին: Կ՚արգելու բնակիլ յաշխարհի, բայց եթէ ըստ հարկաւոր ինչ պատճառի, եւ այն ալ ամենայն զգուշութեամբ, եւ կը հրամայէ ամենուն փոխել զբնակութիւնս իւրեանց ի վանս, եւ անսաստները կը զրկէ հաղորդութեան եւ օրինաւոր թաղման շնորհէն, եւ եթէ մերձ եղեալ ի մահ չզղջան, կը ներէ տալ թոշակն վերջին, իսկ թաղումը իբրեւ զմիոյ յաշխարհականաց կատարել: Այդ խստութիւնը պիտի չտարածուի հիւրութեամբ կամ ծերութեամբ կամ պաշտօնով վանքէ դուրս մեռնողներուն վրայ (ԸՆԴ. 20): Երկարօրէն կը խօսի կրօնաւորներուն նիւթական շահագործութեամբ զբաղելուն եւ հարստութիւն դիզելուն վրայ, չհամարձակիր հրամայել ամենեւին ի բաց կալ ի տնկագործութենէ եւ յամենայն գոյից ստանալոյ (ԸՆԴ. 23), եւ կը բաւականանայ յանձնարարել, որ արդիւնքնին գործածեն աղքատաց եւ կարօտելոց, տառապելոց եւ գերելոց, եւ մասնաւորեն եկեղեցւոյ զբաժինն Աստուծոյ (ԸՆԴ. 24): Այդչափը թոյլատրելով ալ` կրկին եւ կրկին կը յիշեցնէ, թէ օրէնք եդան կրօնաւորաց անինչս եւ անստացուածս լինել (ԸՆԴ. 26): Կարգապահութեան կէտերն ալ շօշափելով կը խօսի արբեցութեան, վանքէ վանք անցնելու, շատաշրջիկ լինելու, մեծաւորին դէմ տրտնջելու, ագահութեան հետեւելու, անուղիղ միջոցներով իրաւունք պաշտպանելու, ստախօսութիւն ու լեզուագարութիւն, բամբասանք ու անիծաբանութիւն ընելու, վնասակար վիճաբանութեանց եւ խեղկատակութեանց պարապելու վրայ, եւ խրատները բովանդակելով կը հրամայէ, որ կրօնաւորներու խորհուրդք եւ բանք եւ գործք, եւ ամենայն շարժումն հոգւոյ եւ մարմնոյ եղիցին պարկեշտք եւ աստուածավայելուչք (ԸՆԴ. 33): Կրօնաւորներէ ետքը խօսքը կ՚ուղղէ առ առաջնորդս սրբոց ուխտից վանականաց (ԸՆԴ. 34), եւ կը յայտարարէ թէ գիտութիւն եւ առաքինութիւն իրենց երկու աչքերն են, եւ երկուքն ալ առողջ պիտի պահեն որ միականեաց չնմանին (ԸՆԴ. 35): Կը հրամայէ որ ոչ միայն կրօնաւորաց նիւթականին այլեւ հոգեկանին հոգը ստանձնեն, դատարկութեան մէջ չթողուն, զոմանս սիրել եւ զոմանս անտես առնել չընեն, կերակրոց բաշխումը ըստ չափոյ աշխատութեան կարգադրեն, ծերացեալները եւ վտանգեալները բարձիթողի չընեն, եւ եկեղեցւոյն ու վանքին եղած նուէրները անձին միայնոյ չսեփականեն: Ամենէն վերջ կ՚օրինագրէ որ ինքնակամ ախտիւ կամ կաշառանօք աւագաց առաջնութիւններ չյափշտակուին, այլ միայն զանարժանս գործելոյ, որ աւերման պատճառ լինելոյ հիմամբ, եւ հաստատուած պատճառներով վանքերու առաջնորդներ փոփոխուին (ԸՆԴ. 37): Շնորհալիին այս կանոնագրութիւնները` վանական բարեկարգութեան համար մեր օրերուն մէջ ալ բառացի գործածուելիք կանոններ են:

965. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԱՑ ՄԱՍԸ

Ընդհանրականին առաջին մասերը կրօնաւորաց ուղղուած են, անոնց հոգեւորական առաւելութեան համար, իբր գերաշխարհիկ վարուք եւ քաղաքավարութեամբ ճոխացեալ (ԸՆԴ. 17). անկէ կ՚անցնի ժողովուրդը հոգացող եկեղեցականութեան, եւ կը կանխէ խօսիլ առ առաջնորդս եկեղեցւոյ որ են յաշխարհի, որ կոչին եպիսկոպոսունք, եւ յետոյ կ՚անցնի խօսիլ առ դասս քահանայից. մինչ առաջին մասին մէջ նախ կրօնաւորներու եւ յետոյ անոնց առաջնորդներուն վրայ խօսեր էր: Այստեղ դիտել կու տանք որ առաջնորդ կոչումը, զոր երկու դասակարգերու մեծաւորներուն համար ալ կը գործածէ, ամբողջապէս սեփականուած կը մնայ վանահայրերու, մինչ որ կոչին եպիսկոպոսունք (ԸՆԴ. 38) յաւելուածը` ժողովուրդի եւ թեմերու մեծաւորներուն վրայէն կը հեռացնէ առաջնորդ կոչումը: Եպիսկոպոսներու վրայ խօսած ատեն անոնց աստիճանին աստուածայնութիւնը կը բարձրացնէ, իսկ խրատները եւ կանոնները կը պարզաբանէ, մի առ մի բացատրելով այն պայմանները, զորս Պօղոս օրինադրած էր Տիդոսի թուղթին մէջ (ՏԻՏ. Ա. 7-9), եւ կը յարէ պէտք եղած գործնական մեկնութիւնները (ԸՆԴ. 38-48): Վերջէն կ՚ակնարկէ այն եպիսկոպոսներուն, որոնք կաշառքով եւ այլազգեաց զօրութեամբ, նոյնիսկ ի հայրապետաց ընկեցեալք յաթոռոյ ըլլալով, եպիսկոպոսութիւնները կը գրաւեն, եւ թէ քահանայական թաղման, եւ թէ սրբոյ պատարագի յիշատակին անարժան կը համարի (ԸՆԴ. 48): Խօսքը կը մասնաւորէ ինքնաշարժ ախտիւք եւ բռնակալաց հրամանօք կաթողիկոսութեան անուն առնողներուն վրայ, կը յիշէ իր եղբօր համար գումարուած մեծ սիւնհոդոսը ի Սուրբ Լեառն, եւ կը կրկնէ այնտեղ գրուած դատապարտութիւնը (ԸՆԴ. 49), որով անգամ մըն ալ կը հռչակուի Աղթամարի հակաթոռութիւնը: Քահանայից դասակարգին անցնելով, անոնք աստիճանաւ երկրորդ եպիսկոպոսաց կը դասէ (ԸՆԴ. 50) եւ մանրամասնաբար կը բացատրէ անոնց պաշտօնները: Նախ կը հրամայէ մտաւորաբար կատարել եկեղեցական պաշտամունքը, եւ ոչ իբրեւ ջուր ընդ խողովակ անցնելով: Կը յանձնարարէ ճշդութեամբ լրացնել հրամայեալ աղօթքները, զի որչափ ալ ի ժամանակս առաքելոց հոգեւոր պաշտօնեաներ յինքեանց մտաց խօսէին զբանս աղօթից (ԸՆԴ. 51), այլ այժմ այլեւս այն ձեւը չի կրնար գործածուիլ: Կը մեղադրէ անոնք` որ հասարակաց զգեստուք եւ աղտեղեալ տրեխօք բեմ կ՚ելլեն եւ պատարագ կը մատուցանեն (ԸՆԴ. 52), եւ այդ զեղծումը կը համարի հալածանաց եւ աղքատութեան հետեւանք (ԸՆԴ. 53), եւ այսուհետեւ կ՚արգելու առանց քահանայական զգեստի մատուցանել զսուրբ պատարագն, կամ աւետարան կարդալ, կամ խաչ առնուլ ի ձեռս, կամ յայլ ինչ ի սրբութիւնսն մերձենալ (ԸՆԴ. 54): Պատարագի համար կը հրամայէ առանց սաղմոսաց եւ աղօթից, եւ յայլոց քահանայից կազմեալ նշխարաւ չպատարագել (ԸՆԴ. 56), պարտաւորիչ կ՚ընէ խիղճը մաքրել խոստովանութեամբ եւ խէթ ու գժտութիւն վերջացուցած ըլլալ: Մկրտութիւնն ալ միայն ստիպողական հարկի պարագային յետ հաց ուտելոյ կատարել կը ներէ, եւ այլազգեաց զաւակները մկրտելէ կը զգուշացնէ (ԸՆԴ. 56-61):

966. ՊՍԱԿԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Պսակի մասին ընդարձակ կը խօսի եւ կ՚արգելու գաղտնի պսակադրութիւնը ինչպէս նաեւ կնաթողներու եւ այրաթողներու եւ առեւանգողներու եւ մանուկներու պսակները օրհնել: Մանչերու 15 եւ աղջիկներու 12 տարեկան ըլլալ կը պահանջէ (ԸՆԴ. 62): Բռնութեամբ եղած պսակները անհաստատ եւ լուծանելի կը հռչակէ (ԸՆԴ. 63): Համազգեաց պսակը կ՚արգելու մինչեւ ի յերկուց կողմանց զչորրորդ ազգին գլխաւորութիւն կատարեալ ունեցին, եւ պատճառ կու տայ իւրաքանչիւր ծնունդին զկէս արեան կորսնցնելը: Այդ բացատրութիւնները ոմանք այնպէս իմացած են, որ մի արմատէ կամ նախահօրէ եղած սերունդները երկու կողմէն ալ չորս չորս սերունդ հեռացած պիտի ըլլան, որ մերձաւորութիւնը սպառած համարուի, որ ըսել կ՚ըլլայ համագումար ութը ծնունդ: Շնորհալիի միտքով երկու եղբայրներ հաւասար ունին յինքեանս զհօրն գոյացութիւնս, առ ի նոցանէ ծնունդքն, այսինքն թոռներ զկէս արեան, երրորդ ծնունդքն, այսինքն թոռնորդիներ` զկիսոյն կէս, որ է քառորդ, իսկ չորրորդ ծնունդքն, որ են ձագթոռներ` զչորրեակ մասն մնացելոյ, որ ըսել կ՚ըլլայ մէկ ութերորդ, որով կը հասնի սահման եւ կէտ արեան մերձաւորութեան (ԸՆԴ. 63): Բայց եթէ այսպէս իմանայինք, Լատինաց ընդունած ութը աստիճանի ազգաբանութիւնը բացատրուած կ՚ըլլար, եւ ոչ թէ հին եւ իսկապէս հայկական աւանդութիւնը, զոր բացատրեցինք Շահապիվանի ժողովին առթիւ 230), մանաւանդ որ ապագային Կոստանդին Բարձրբերդցին իսկ` վեցէն անդին չ՚անցըներ ազգակցութեան ճիւղերը: Արեան բաժանումին հաշիւն ալ վճռական պատճառաբանութիւն մը չէ, վասնզի արդէն առաջին ծնունդին, այսինքն եղբայրներուն վրայ արիւնը կիսուած պէտք էր ըսուեր, եւ ոչ ամբողջապէս փոխանցուած, եւ վերջէն ալ վերջացած չէր կրնար ըսուիլ բան մը, որ գոնէ մէկ ութերորդի գոյութիւն ունի: Ըստ այսմ աւելի ուղիղ կը գտնենք` ի յերկուց կողմանց զչորրորդ ազգին գլխաւորութիւն բացատրութիւնը հաւաքաբար առնել երկու ճիւղերուն գումարին վրայ, եւ ոչ իւրաքանչիւր կողմին վրայ զատ զատ, իսկ արիւնի հաշիւն ալ իբր յարմարական ընդունիլ, եւ ոչ իբրեւ հիմնական փաստ: Պսակադրութեան համար ատեն կ՚որոշէ յառաւօտէ աւուրն մինչեւ ցժամ ճաշոյն, որ է ըսել կերեալ եւ արբեալ չըլլալ, անառակ կիները եւ այրերը եկեղեցի չընդունիլ, եւ գուսանաց երգերը դադրեցնել մինչեւ ելցեն յեկեղեցւոյն (ԸՆԴ. 64): Ասկէ կը հետեւի որ եկեղեցիէ դուրս պսակ օրհնել ներեալ չի համարիր: Արգելեալ օրերը կը նշանակէ ի բուն բարեկենդանի օրէ մինչեւ ցկատարումն պահոց շաբաթուն որ պենտեկոստէին է, մէյ մըն ալ յամենայն կիւրակէս տարւոյն (ԸՆԴ. 64), եւ չի յիշեր հասարակ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթները, շաբաթապահքերը եւ ուրիշ տէրունիները, որոնք կ՚երեւի թէ վերջին ատեններ արգելեալ օր նկատուեր են նմանողութեամբ: Հարսնիքի գացող քահանաներուն ալ կը ներէ մնալ մինչեւ զրաւ լինիցի կերակրոյն, եւ մինչեւ յերիս միայն արբումն բաժակի (ԸՆԴ. 65), այսինքն որչափ ինչ բաւ է հարսանեկան պարկեշտ ուրախութեանց: Վերջին մասին մէջ ուրիշ քանի մը մասնաւոր կանոններ ալ կը տրուին քահանայից համար: Այսպէս են իրենց եպիսկոպոսին դէմ չըմբոստանալ, քրիստոնեայ կամ այլազգի արտաքին դատաստանի չդիմել, որեւէ աշխարհի եւ պետական գործակալութիւն չվարել, ձիավարժութեան եւ զինաշարժութեան չհետեւիլ, մէկ քահանայէ կամ եպիսկոպոսէ որոշեալը ուրիշի կողմէ չարձակել, եւ երիտասարդ այրիներուն ի կարգ կրօնաւորութեան մտնել (ԸՆԴ. 65-88): Այս ամէնը թէպէտ ամբողջապէս քահանայական կանոնադրութիւն մը չեն կազմեր, բայց գոնէ ժամանակին տիրող գլխաւոր զեղծումները կը մատնանշեն:

967. ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆԱՑ ՄԱՍԸ

Երրորդ մասը կը կազմեն աշխարհականաց ուղղուած բաժինները, այսինքն, Առ իշխանս որ ըստ աշխարհի, Առ զինուորաց դասս, Առ քաղաքականս, Առ երկրագործս եւ համօրէն ժողովրդականս, եւ Առ կանանց դասս: Իշխան ըսելով կ՚իմանայ անոնք որ ի տեղիս տեղիս տիրեն բազմաց կամ սակաւաց, զօրաց եւ գաւառաց (ԸՆԴ. 69), եւ ասոնք են ժամանակին գտնուող աւատապետները, եւ տեղ տեղ իրենց համար պզտիկ տէրութիւններ կազմողները: Տրուած հրամանները նախ ընդհանուր կանոններ են. չանիրաւել, չզրկել, չար գործակալներ չգործածել, անիրաւ դատաստան չկտրել, այրին ու աղքատը պաշտպանել, մարդիկը իբր զանբան կենդանի չծառայեցնել, աշխատաւորին վարձքը չկտրել, ամենուն հաւասար աչքով վերաբերուիլ, մարմնաւորի համար հոգեւորը չմոռնալ, եւ միշտ գթութեան եւ ողորմութեան հետեւիլ: Իբր դժուարութիւն յառաջ կը բերէ ոմանց ըսելը, որ եթէ ոչ զրկեմք եւ ոչ յափշտակեմք, զիշխանութիւն մեր ոչ կարեմք հաստատուն ունել, եւ թէ շատեր ալ չարութեան կը քաջալերուին տեսնելով զբազում ինչս զրկողաց եւ ամբարշտաց, եւ զսակաւս որոց իրաւամբք ստանան: Ներսէս այդ երկու կէտերն ալ պատշաճ կերպով կը հերքէ (ԸՆԴ. 69-73): Վերջապէս կը խրատէ պահքերը չլուծել ի ձուկն եւ ի գինի, ստութեան եւ հայհոյութեան խօսքեր չգործածել, զինուորներու ռոճիկը չխարդախել, եւ երդումներու չդիմել, նոյն իսկ այլազգիներու հանդէպ երդումնին հաստատուն պահել, բարկութեամբ դատ չկտրել, քէնի եւ վրէժի հոգւով որոշումներ չտալ (ԸՆԴ. 74-76): Զինուորականներու կը հրամայէ հաւատարիմ լինել ոչ միայն քրիստոնեայ այլ այլազգի տէրանց, իրենց յանձնուած գործերով չզեղծանել ու ժողովուրդը չնեղել, եւ իրենց ռոճիկէն աւելի բան չիւրացնել (ԸՆԴ. 77-78): Քաղաքացիներու կը պատուիրէ ուղղութեամբ գործել, ռամիկը չխաբել, կրկին կշիռ եւ կրկին չափ չգործածել, շինականը չանարգել, վաշխէ զգուշանալ, եւ ինչ որ փոխ կու տան զայն միայն պահանջել (ԸՆԴ. 79): Երկրագործներու եւ առհասարակ ամէն ժողովրդականներու կը պատուիրէ, հոգեւորութիւնները չմոռնալ, արբեցողութենէ, պոռնկութենէ, եւ ամէն չարագործութենէ հեռու մնալ, բերաննին յիշոցի չի վարժեցնել, տղաքներուն բարւոք կրթութեան հոգ տանիլ, սէր ունենալ իրարու, եւ ողորմութիւն տալ կարօտներու (ԸՆԴ. 80-81): Վերջապէս կը խօսի կիներու եւ կը յանձնարարէ պարկեշտութիւն եւ բարեձեւութիւն պահել, երիտասարդներու գայթակղութիւն չըլլալ, եւ կախարդասէր գործերէ հեռու մնալ: Վերջաբանին մէջ կ՚ըսէ, որ դեռ շատ բաներ ուներ ըսելու, բայց եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու կը թողու բացատրելով լրացնել (ԸՆԴ. 82-83): Մեր առաջ բերած համառօտ ամփոփումը կը բաւէ Շնորհալիին նկատի առած ընդարձակ շրջանակը գնահատել, եւ հոգեւորական սկզբունքներու հետ գործնական գաղափարներուն միացման վրայ զարմանալ: Իրաւ որ բառ մը իսկ փոխել հարկ չէր ըլլար, եթէ ընդհանրականը այսօր ալ իբր նոր հովուական մը հրատարակուէր:

968. ՄԱՆՈՒԷԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Յունաց հետ սկսուած եկեղեցական տարբերութեանց գործը թողուցինք Շնորհալիին Ալեքս դուքսին յանձնած գրութեան կէտին 950): Ալեքս այն գրուածը մօտը պահեց, մինչեւ որ իր պաշտօնին տարին լրանայ, որպէսզի անձամբ տանի, եւ բերանացի ալ խօսելով գործին ոյժ տայ: Այդ ալ շատ ուշացած պիտի չըլլայ, 1165-ին վերջին մասին տեղի ունեցած էր Շնորհալիի հետ տեսակցութիւնը, եւ Ալեքս Կոստանդնուպոլիս դարձած ատեն Շնորհալիին կաթողիկոսութենէն եւ Պահլաւունիին մահէն տեղեկութիւն չունէր 953): Թէ գրութեան պարզութիւնը եւ թէ զօրութիւնը, եւ թէ Ալեքսի տուած տեղեկութիւնները շատ նպաստաւոր տպաւորութիւն կազմեցին Մանուէլ կայսեր եւ Ղուկաս պատրիարքին եւ Բիւզանդական շրջանակին մէջ: Եթէ չուզենք ալ բառացի ընդունիլ, թէ գովեցին զհաւատս Հայոց ամենայն իմաստունք Յունաց (ԿԻՐ. 69), գոնէ սքանչացաւ հիացաւ արքայն` տեսեալ զզօրութիւն իմաստիցն, որ պարունակեալ էր ի բանսն: Չուզելով ալ կարծել թէ Յոյներ Հայերուն ուղղափառութեանը կատարելապէս հաւանեցան, հաճեալ ընդ ուղղադաւան խոստովանութիւնն (ԸՆԴ. 107), գոնէ կարծեցին թէ Շնորհալիէն բացատրուած գրութեամբ հնար է համաձայնութեան յանգիլ, եւ գործը մշակելով Հայերը կրօնական միութեան ալ հպատակեցնել, քանի որ Կիլիկիոյ եւ Լամբրոնի իշխանութիւնները Բիւզանդիոյ հովանաւորութեան ներքեւ էին, թէպէտ Հռոմկլայի հայրապետանոցը այդ շրջանակէն դուրս էր: Այսուհանդերձ բաւական երկարեցաւ գործնական որոշումը, եւ հազիւ Մամեստիոյ տեսակցութենէն երկու տարի ետքը, 15 ինդիկտիոնին սկիզբը, որ է 1167 Սեպտեմբերին (ԸՆԴ. 109), Մանուէլ կայսեր կողմէ նամակ մը գրուեցաւ Հայոց կաթողիկոս Գրիգորին, որ տարի մը առաջ վախճանած էր, եւ զարմանալի է որ Կոստանդնուպոլիս տակաւին մահուան լուրը հասած չէր: Այդ նամակով Մանուէլ եկեղեցւոյ միութեան սկզբունքը կը բարձրացնէ, որպէսզի մի հօտ լինիցին ամենայն քրիստոնեայք. իր թագաւորութեան համար պարտք կը համարի այդ նպատակին աշխատիլ, եւ քան աշխարհական աթոռոյ բազմապատիկ հոգոց` այսմ մանաւանդ հոգ տանիլ: Աչքի առաջ ունենալով զբանսն յաղագս միաւորութեան, որ պրօտոստրատոսէն եւ կաթողիկոսէն շարժեցաւ, կ՚ուզէ զայն լրացնել, եւ առանց ստացուած գիրին պարունակութեան վրայ գաղափար մը յայտնելու, կաթողիկոսին կը յանձնարարէ որ իր եղբայրը Կոստանդնուպոլիս ղրկէ ամենայն զգուշութեամբ եւ պատրաստութեամբ, ուր սրբազան պատրիարքն եւ սուրբ աստուածային ժողովն ալ գործը քննեն ու կարգադրեն: Պալատական սպասաւորներէն Սմբատ անուն, հարկաւ հայազգի, մէկն ալ կը ղրկէ որ նամակը տանի, եւ կաթողիկոսին եղբայրը Բիւզանդիա բերէ (ԸՆԴ. 107-109): Մանուէլի նամակը իր անորոշ բացատրութիւններով գաղտնի մտադրութիւն կը պարունակէ, կերպով մը Հայերը Յունական եկեղեցւոյն հպատակեցնելու, եւ շատ անհաւասար դիրք մը կու տայ Հայերուն, միայնակ Ներսէսը Կոստանդնուպոլսոյ կայսեր եւ պատրիարքին եւ սիւնհոդոսին դիմացը հանելով:

969. ՆԵՐՍԷՍԻ ՆԱՄԱԿԸ

Սմբատ պատգամաւոր անցեալ զբազում գաւառօք կը հասնէր Միջագետք, Հռոմկլայ բերդը, բայց յայնմ ամի մեռած կը գտնէր Գրիգոր կաթողիկոսը, եւ Ներսէսը հայրապետական աթոռ բարձրացած, որուն կը յանձնէր կայսեր նամակը: Գրիգորի յայնմ ամի վախճանած ըսուիլը (ԸՆԴ. 109), եւ անոր մահուան լուրը Կոստանդնուպոլիս հասած չըլլալը, պիտի յորդորէին Գրիգորի մահը 1167-ին եւ ոչ 1166-ին հանդիպած ըսել, եթէ աւելի յստակ յիշատակներ 1167 թուականը չհաստատէին, առանց կարենալ բացատրելու տարի մը ետքը գոյժին Կոստանդնուպոլիս հասած չըլլալը: Կայսերական նամակին գաղտնի միտքերը Ներսէսի աչքէն չվրիպեցան, եւ ամենայն ճարտարութեամբ ուզեց Յոյներուն գլուխը դարձնել անոնց կազմած ծրագիրը: Առատ գովաբանութիւններու եւ քաղաքավար դարձուածներու եւ համեստութեան խօսքերու մէջ` հասկցուց Մանուէլի, թէ իրեն այլեւս անհնար է անձամբ Կոստանդնուպոլիս գալ, որպէսզի աթոռը անտէրունջ չմնայ, որ իբրեւ կղզի մը կը մնայ անհաւատութեան ընդարձակ ջուրերուն մէջտեղ: Բայց եթէ ասանկ ալ չըլլար, զիա՞րդ, կ՚ըսէ, կաթիլ մի գիտութեան հնար էր առ համատարած ծով իմաստութեան համարձակիլ մերձենալ ի հարցումն եւ ի պատասխանիս (ԸՆԴ. 111). որով կ՚իմացուի թէ երբեք յանձն պիտի չառնէր միայնակ յունական շրջանակին մէջ իյնալ, որով ոչ ալ իր տեղ ուրիշ մը յղելու խօսքը կ՚ընէ: Ընդհակառակն անոյշ յորդորներով կայսրը կը հրաւիրէ գալ յարեւելս (ԸՆԴ. 112), եւ իրենց հետ միաւորութեան գործը կարգադրել, Յոյներուն գլուխը դարձնելով անոնց մտածած ճարտար ձեւը: Միանգամայն մը դիտէ որ միութեան գործը ոչ թագաւորական ահարկու զօրութեամբ, այլ քաղցրագոյն խոնարհութեամբ կրնայ յաջողիլ (ԸՆԴ. 113), որովհետեւ եօթն հարիւր ամ աւելի եղելոյ բաժանում մը, որ եղած է երկրորդ բնութիւն հնացեալ սովորութեամբ, խստութիւն գործածուած ատեն կրնայ վտանգուիլ, ինչպէս տունկ ինչ ընկողմանեալ, եթէ բռնութեամբ ձեռին միւս կողմը ծռուի, կրնայ բեկանիլ, քան թէ ուղղիլ (ԸՆԴ. 114): Բաժանման միջոցը 700 տարիէ աւելի ըսած ատեն, Քաղկեդոնի ժողովի տարիէն հաշուած կ՚ըլլայ, այսինքն 451-էն մինչեւ 1168, որ է 717 տարւոյ միջոց: Այդ առթիւ անուշութեամբ Յոյներուն երեսը կը զարնէ, մինչեւ ցայժմ ըրածնին, աւերումն եկեղեցեաց, սեղանոյ Աստուծոյ կործանումն, նշանաց Քրիստոսի խորտակումն, բազում նեղութիւնք պաշտօնէից, եւ պէս պէս զրպարտութիւնք, որոնք պատճառ եղած են փախչելոյ մերոց ի ձէնջ, որ ընթացքը ոչ միայն զբաժանեալսն ոչ միաւորէ, այլեւ զմիաւորեալսն պառակտէ (ԸՆԴ. 115): Քաղցրութեան յորդորակին հետ աղօթքի զօրութիւնը կը յանձնարարէ, եւ կ՚ըսէ թէ ինքն ալ աղօթք ապսպրած է առ ազգիս մերոյ եկեղեցիս, որ յԱրեւելս եւ ի Մեծն Հայք, եւ ի մենաստանս որ ի Սուրբ Լերինս (ԸՆԴ. 115): Կը յիշէ թէ նոյն միջոցին Հռոմի հայրապետը պատգամաւորներ յղած է Կոստանդնուպոլիս վասն միաբանութեան հաւատոյ. կը պատմէ թէ Ասորւոց պատրիարքն ալ իրեն դիմած է վասն միաբանելոյ եւ այս պարագաները նախախնամական կը համարի բոլոր եկեղեցիներու մէջ միութիւն հաստատելու` համագումար ժողովով մը: Բայց ոչ թէ որպէս տեառն առ ծառայս եւ ծառայից առ տեարս խօսելու ձեւով (ԸՆԴ. 117), այլ զգիրս առաքելոց եւ մարգարէից եւ զուղղապէս վարդապետաց եկեղեցւոյ իբրեւ դատաւոր ընդունիլ, եւ որ կողմ որ, թէ առ մեզ եւ թէ առ ձեզ, դաւանութեանց եւ աւանդութեանց մէջ թերացած գտնուի, իր սխալանքէն պարտաւոր ըլլայ հրաժարիլ: Մենք կ՚ըսէ պատրաստ ենք ուղղել, եթէ մեր մէկ սխալը մէջտեղ հանէք, բայց դուք ալ բարձէք ի մարմնոյ եկեղեցւոյ, եթէ սխալ մը յայտնի ի մէնջ առ ձեզ: Եւ Յոյներուն ամբարտաւանութիւնը գգուելու համար, օրինակ կը բերէ թէ Մովսէս ալ Յոթորէն իմաստութիւն սորվեցաւ, եւ Դաւիթ ալ Նաթանի յանդիմանութեամբ սխալանքը ճանչցաւ (ԸՆԴ. 119):

970. ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՔ

Ուզեցինք մանրամասնօրէն վերլուծել Ներսէսի նամակը (ԸՆԴ. 109-120), որպէսզի ուղղութեամբ եւ ճշդութեամբ պատկերացուի անոր միտքն ու նպատակը միութեան ետեւէ եղած ատեն: Որովհետեւ անուրանալի է, որ միութենական ձգտումներու առաջին քայլը եւ միութենական խնդիրին առաջին ծրագիրը Շնորհալիէն սկսաւ Մամեստիոյ տեսակցութեան մէջ: Ներսէս թէ իբրեւ եպիսկոպոս, եւ թէ իբրեւ կաթողիկոս, եւ եթէ ուզենք` նաեւ իբրեւ մի պարզ հայադաւան հաւատացեալ, սիրտի կսկիծով կը նկատէր քրիստոնէութեան անջատումները, եւ անոր գործնական վնասները իր աչքին ներքեւ կը տեսնէր Հռոմկլայի դիտանոցէն, որուն ստորոտը Յոյներ ու Լատիններ ու Հայեր, երբ միաբան Այլազգիներու եւ այլադէններու դէմ պատերազմ կը մղէին, իրենց մէջ անհաշտ կերպով իրարու դէմ կը մրցէին, եւ իրարու վնասելու եւ իրար կործանելու կ՚աշխատէին: Ներսէս, վեհ եւ բարձր զգացումներով վառուած սիրտ մը, քրիստոնէութեան միաւորութիւնը իբր միայն պայման կը նկատէր այդ չարիքին, եւ անոր արդիւնաւորման աշխատիլը իրեն նուիրական պարտք սեպելով, գործին կը ձեռնարկէր: Ներսէսի տեսութեամբ պէտք չէր որ անջատեալ եկեղեցիներէն եւ ոչ մին` քրիստոնէութիւնը իբր իր սեփական ստացութիւնն ըմբռնէր եւ ոչ ալ իր դրութիւնը իբր ամենուն պարտաւորիչ առաջարկէր, այլ ճշմարտութիւնը պիտի հաստատուէր մասերու միաւորութեան մէջ: Քրիստոնէութիւնը մարգարէից եւ առաքելոց եւ վարդապետաց հեղինակութեան մէջ հաստատուած պէտք էր մնար, իւրաքանչիւր մասնաւոր եկեղեցիներէ բարձր ընդհանուր դրութիւն մը, որուն հանդէպ եթէ հիմնապէս տարաձայնող գտնուէր, պէտք էր զինքն ուղղէր: Հիմնական կէտերէ դուրս ալ` ոչ մէկը միւսին վրայ պիտի ճոխանար, այլ իր սովորութիւնները իրեն պիտի պահէր եւ ուրիշին վրայ պիտի չբռնանար: Ներսէս չէր ընդուներ եկեղեցի մը` տէր, որ հրամայէ, եւ եկեղեցի մը` ծառայ, որ հնազանդի, եկեղեցի մը, որ ինքզինքը ուղղութեան կանոն կարծէ, եւ եկեղեցի մը, որ միւսը ընդօրինակելու պարտաւորուի: Այդ դրութիւնը իսկապէս եւ տիրապէս Հայադաւան եկեղեցւոյ սկզբունքն է, որուն ոչ Յունադաւանը կը մօտենայ, եւ ոչ Հռոմէադաւանը կը հաւանի. բայց Ներսէս իր բարեմտութեան մէջ կը կարծէր որ հնարաւոր է զանոնք համոզել, տեսնելով այն վտանգը` որ իսլամութեան զօրանալովը բոլոր քրիստոնէից կը սպառնար, եւ որ Արեւելքի մէջ աւելի զգալի եւ շօշափելի վիճակ մը ստացած էր: Ներսէսի զգացած միութենական ձգտումը` ճշմարիտ քրիստոնէի անկախ զգացումն էր, զուտ հայադաւանութիւն էր, եւ չենք գիտեր թէ ինչպէս անոր մէջ ոմանք յունադաւանութիւն տեսան, եւ ոմանք հռոմէադաւանութիւն գտան: Ներսէս կրնար մտածել, որ Հայերը միութեան սիրոյն ինչ ինչ զիջողութիւններ կարենան ընել, բայց փոխադարձ զիջողութիւններ եւ ոչ թէ Հայ եկեղեցին Յոյն եկեղեցիին մէջ ընկղմելու ենթադրութիւն: Արժան է այդ մասին մտադրութեամբ կարդալ Մանուէլի ուղղուած նամակին ամբողջութիւնը, զոր մենք շատ ամփոփ կերպով միայն կրցանք վերլուծել:

971. ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ

Նկատողութեան առնուելու կէտ մըն ալ, Հռոմէադաւան ազգայիններու` Շնորհալին իրենց նպաստաւոր կարծելն է, զայն բարձրացնելով, եւ մինչեւ իսկ իբրեւ սուրբ իրենց եկեղեցիներուն մէջ տօնելով: Ներսէսի բոլոր միութենական գործունէութիւնը ամբողջաբար եւ բացառաբար Յոյներու հետ եղաւ, Լատիններու հետ ոչ շփուեցաւ, ոչ բանակցեցաւ, ոչ թղթակցեցաւ եւ ոչ առնչութիւն ունեցաւ: Եթէ կաթողիկոսութենէն առաջ Հռոմ ղրկուած Գրիգորի պատգամաւորութեան մէջ արդէն մաս ունեցած ալ ըսեն, տեսանք թէ ինչ պիտականուն գործ է այն, եւ թէ ինչպէս առանց հետեւանքի եւ առանց արդիւնքի ձեռնարկ մը եղաւ 942): Ներսէս իր բովանդակ հայրապետութեան ժամանակ Հռոմի հետ բնաւ յարաբերութիւն չունեցաւ: Իսկ Յոյներն ալ Ներսէսի կաթողիկոսութեան օրով, այսինքն Փոտիոսի ու Կերուլարիոսի պատրիարքութենէն շատ ետք հիմնապէս եւ հաստատապէս բաժնուած էին Հռոմէ. եւ Յոյներուն եւ Լատիններուն մէջ հոգեւոր հաղորդակցութիւնը խզուած էր, եւ չենք իմանար, թէ ինչպէս իբր հռոմէադաւանութիւն կրնայ մեկնուիլ յունադաւանութեան հետ յարաբերութեան մտնելը: Կ՚երեւի թէ մեր Հռոմէադաւան ազգայիններն ալ բռնուած են Կալանոսի բռնուած կամ Կալանոսի լարած ծուղակին մէջ, որ Յոյներուն բերնով գործածուած Հռոմական բացատրութիւնը, փոխանակ Հոռոմական իմանալու, Հռոմէական կը թարգմանէ (ԿԱԼ. 320), Ներսէս Լատիններու հետ շփուելու կամ անոնց վրայ յոյս դնելու առիթն ալ չունեցաւ, վասնզի առաջին խաչակրութեան ատենէն կազմուած իշխանութիւնները հետզհետէ ինկած էին կամ տկարացած, եւ 1147-ին Լուդովիկոս Է. Գաղղիոյ եւ Կոնրատոս Գ. Գերմանիոյ թագաւորներուն առաջնորդութեամբ կազմուած երկրորդ խաչակրութիւնն ալ` դժբախտ եւ ապարդիւն վախճան ունեցած էր, եւ Այլազգեաց տիրապետութիւնները հետզհետէ ընդարձակուած էին, եւ ինքն Ներսէս ալ Հռոմկլայի մէջ` Հալէպի սուլտաններու հովանաւորութեան ներքեւ կ՚ապրէր: Յոյները աւելի վստահութիւն կը ներշնչէին Մանուէլ կայսեր ազդեցութեան եւ կարողութեան շնորհիւ, Կիլիկիա եւ Լամբրոն ալ անոր գերիշխանութիւնը կը ճանչնային եւ անոնց հետ մերձաւորութիւնն ու միաւորութիւնը կրնար Հայութեան օգտակար ըլլալ: Ահա այդ տեսակէտը կը մշակէր Ներսէս, իր որչափ եկեղեցասէր` նոյնչափ ազգասէր ձեռնարկներովը: Այսչափն առայժմ բաւական ըլլայ Ներսէսի բուն տեսակէտը, եւ Մանուէլի ղրկած նամակին իսկական իմաստը բացատրելու համար:

972. ՀԱՒԱՏՈՅ ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԻՐԸ

Ներսէս Մանուէլին ուղղած նամակին կցեց նոր գրուած մըն ալ Սահմանք հաւատոյ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վերտառութեամբ (ԸՆԴ. 120), յատկապէս իր կանուխէն գրածը երկրորդելով, ի խնդրոյ արքային Մանուէլի (ԸՆԴ. 109): Մանուէլի նամակին մէջ յայտնապէս նոր գիր ուզուած չէր, բայց զօրութեամբ կ՚իմացուէր Ներսէսի ամենայն պատրաստութեամբ Կոստանդնուպոլիս երթալուն առաջարկին մէջ (ԸՆԴ. 108). եւ Սմբատ պալատականն ալ բերանացի բացատրած էր զայն, քանի որ իրեն յանձնարարուած էր կենդանի բարբառով պատմել զամենայն բանս (ԸՆԴ. 109): Առաջին գիրը պարզ եպիսկոպոսի մը հեղինակութիւնն ունէր, Մանուէլ պէտք կը զգար կաթողիկոսին ստորագրութեամբ հաստատուած հիմնագիր մը ունենալ, եւ հարկաւ Գրիգորէ ուզուած էր այդ հաստատութիւնը, զոր այժմ Ներսէս կը պարտաւորուէր տալ, եւ իբրեւ եպիսկոպոս գրածը իբրեւ կաթողիկոս վաւերացնել: Իր տեսութեամբ կրկնումը աւելորդ էր` քանի որ գրողը նոյն էր, բայց կը համակերպէր, որովհետեւ թղթաբեր Սմբատ պնդագոյնս պահանջեաց, հրամանաւ սուրբ թագաւորութեանն (ԸՆԴ. 121): Գրածին անկեղծութիւնն ալ հաստատելով, կ՚ըսէ թէ ոչ զի զհերձուածողական խաւար ինչ ծածկելով կերպարանեմք զբանս լուսով ուղղափառութեան, ինչպէս ոմանք կը կարծեն, այլ զուտ ճշմարտութիւնն է, զոր գիրով կը ներկայենք: Գրուածը իր ամբողջութեան մէջ առաջինէն 951) տարբերութիւն չունի, միայն առձեռն հարցարանի մը կարգին կապուած չըլլալով, առաջ Սահմանք հաւատոյ մասերը, այսինքն դաւանական կէտերը քովէքով կը միացնէ (ԸՆԴ. 120-130), եւ յետոյ Յաղագս աւանդութեան եկեղեցւոյ ծիսական կէտերը կ՚ամփոփէ (ԸՆԴ. 130-143): Առաջին մասին մէջ ընդարձակօրէն կը գրէ դարձեալ բնութեանց միութեան կամ միաւորութեան կէտը, մերժելով եւ հերքելով Նեստորն ու Եւտիքէսը, բայց եւ հերքելով Լեւոնի ոմն եւ ոմն դարձուածը, եւ պնդելով յերկուց բնութեանց մի լեալ (ԸՆԴ. 126), կամ ոչ ի յերկուս բաժանեալ չառ ի յերկուց միացեալ բնութիւնսն (ԸՆԴ. 129) բանաձեւերը, համաձայն Հայոց եկեղեցւոյ դաւանութեան, որ ոչ բնութիւններուն կորուստը կամ շփոթումը, այլ պարզապէս միաւորութիւնը կը պաշտպանէ, ինչպէս հոգի ու մարմինը մարդուն մէջ: Իսկ աւանդութեանց կամ ծիսակատարութեան մէջ նախ կը պաշտպանէ բաղարջով պատարագելը Քրիստոսի գործածածին հետեւողութեամբ, բայց կը ներէ Յոյներուն բաղարջ գործածելը: Կը պաշտպանէ անջուր բաժակը, առանց դատապարտելու ջուր խառնողները: Կը բացատրէ Ծնունդ ու Մկրտութիւն միասին տօնելու հնութիւնը ու ճշմարտութիւնը, բայց տարբեր տօնողներուն նկատմամբ կ՚ըսէ, թէ երբեմն զատիկն ալ տարբեր օրեր կը տօնուէր, առանց եկեղեցւոյ միութիւնը խանգարելու: Նոյն ոճով կը խօսի Սուրբ Աստուած ի խաչեցար ին, խաչերու բեւեռ զարնելուն, խաչերը օրհնելուն, պատկերներ պատուելուն, եւ Առաջաւորաց պահքին վրայ, միշտ պաշտպանելով Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնն ու սովորութիւնը, եւ ազատական տեսութեամբ իւրաքանչիւրին ազատ թողլով պահել իր սովորութիւնները: Մէկ խօսքով Շնորհալին բարձրաբարբառ քարոզիչն է Հայոց եկեղեցւոյ ներողամիտ եւ լայնախոհ տեսութեան, որ եկեղեցւոյ միութիւնը կ՚ըմբռնէ հիմնական կէտերու համաձայնութեան եւ փոխադարձ հոգեւոր հաղորդակցութեան մէջ, եւ կը մերժէ տիրապետութեան եւ ստրկաբար նմանողութեան ամէն պահանջները, որոնց վրայ հաստատուած են Յոյն ու Լատին եկեղեցիներ միութեան անհրաժեշտ պայմանը:

973. ՄԼԵՀ ԻՇԽԱՆԱՊԵՏ

Մանուէլի նամակը 1167-ին վերջերը գրուած ըլլալով 960), մինչեւ որ Սմբատ պալատական Հռոմկլայ գար, տեսակցութիւններ լրանային եւ գիրերը պատրաստուէին, հարկաւ 1168 տարին սկսած կ՚ըլլար, որով հազիւ գարնան բացուելուն կրցած է Սմբատ Կիլիկիայէ Կոստանդնուպոլիս դառնալ: Ներսէսի նամակը լաւ տպաւորութիւն ըրաւ, կ՚ըսէ Լամբրոնացին, եւ Յոյները շինէին յառաջին գայթակղութենէն զոր ունէին առ եկեղեցիս Հայոց, մանաւանդ եւ սկիզբն ունէին միաւորութեան եւ լուծանելոյ զկրճիմն պառակտութեանն (ԸՆԴ. 143): Մեր տեսութիւնն է թէ պէտք չէ այս բացատրութեանց` կատարեալ գործողութեան նշանակութիւն տալ, որովհետեւ քանի մը տարիներ անցան մինչեւ որ Մանուէլի կողմէն նոր պատասխան մը գար, եւ այդ միջոցին Մանուէլ կայսրն ու Միքայէլ պատրիարք, որ Ղուկասի յաջորդած էր, եւ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը մտածեցին կերպ մը գտնել, որպէսզի Ներսէսի դիւրամատչելի ընթացքէն օգտուին եւ Հայոց եկեղեցին իրենց եկեղեցւոյն հպատակեցնելու կամ խառնելու կերպը գտնեն: Երբ Յոյներ այս մտածումներով կը զբաղէին, ասդին Կիլիկիոյ իշխանութիւնը նոր պատահարներու դիմաց կը գտնուէր: Թորոս իշխանապետ կը վախճանէր 1168-ին (ՍՄԲ. 100) Մայիս 11-ին Յայսմաւուրքի հաշուով, բայց եթէ մարերի 4-ը պիտի ընդունինք (ՅԱՍ. Ա. 210), պէտք կ՚ըլլայ շարժական տոմարով Նոյեմբեր 7-ին տանիլ Թորոսի մահուան թուականը: Թորոս Երկրորդ` առաջին Ռուբէնէն ետքը նշանաւորագոյն անձն եղաւ Կիլիկիոյ իշխանապետներուն մէջ, վերականգնելով ինկած ու դադարած իշխանութիւնը 943), եւ զայն կատարեալ կարգաւորութեան մէջ պահելով մինչեւ իր մահը: Թորոսի համար կը գրէ Անեցին, թէ կրօնաւորեալ մեռաւ (ՍԱՄ. 135), եւ չենք գիտեր թէ միայն կրօնական պարտաւորութիւններ կատարած ըլլալուն վրայ պիտի իմանանք, թէ ոչ Թորոս ալ Արեւմուտքի մէջ տեղի ունեցած սովորութեան հետեւեցաւ, որով աշխարհի իշխաններ վերջին պահուն կրօնաւորութեան ձեւ կ՚առնէին, իբրեւ ապաշխարողական նշան եւ առաքինական մի գործ: Թորոս չափահաս արու զաւակ չունէր, այլ միայն մատաղ որդի մի իւր թողեալ էր (ՎԱՀ. 210), որ կոչէրն Ռուբէն (ՍՄԲ. 100), եւ յաջորդ հռչակուեցաւ, իր մեծ հօր կամ Թորոսի աներոջ` Թովմաս իշխանի խնամակալութեամբ, որ Պայլ մականուամբ ծանօթ է, լատինական պատուանունով: Թէպէտ Թովմաս լոկ խնամակալ էր իր թոռան, սակայն նոր պատմագիրներ սովորութիւն են ըրած անոր անունը իշխանապետներու շարքին անցընել, իբրեւ բուն տէր իշխանութեան (ՉԱՄ. յաւ. 107): Մլեհ, Թորոսի եղբայրը, որ եղբօր հետ գժտելով Հալէպի սուլտանին մօտ կը մնար 948), ինքզինք յաջորդ նկատեց եղբօր իշխանութեանը, եւ Հալէպի սուլտանին բանակով Թովմասի վրայ եկաւ, բայց չյաջողելով, միայն Հայոց բազում չար հասուցեալ ետ դարձաւ եւ կրկին զօրութեամբ նորէն յարձակեցաւ: Այս անգամ Թովմաս պարտաւորուեցաւ տեղի տալ, եւ Անտիոք փախչիլ Լատիններու մօտ (ՎԱՀ. 211), եւ պզտիկ Ռուբէնն ալ տարան ի Հռոմկլայն (ՍՄԲ. 101): Հայոց իշխաններ հաւանեցան Մլեհի իշխանապետութիւնը ընդունիլ եւ այսպէս նա 1069-ին Ռուբինեանց օրինաւոր յաջորդութեան անցաւ, եւ խաղաղաբար տիրապետեց, մանաւանդ երբ Ռուբէն ալ անդ մեռաւ Հռոմկլայի մէջ (ՍՄԲ. 101): Վահրամ կը գրէ, զԹորոսի որդին առեալ ամպարշտաց եւ սպանեալ (ՎԱՀ. 211), բայց չի բացատրեր թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս: Իրաւ ալ զարմանալի կ՚ըլլար, որ Ներսէս կաթողիկոսի պաշտպանութեան ապաւինած տղան, չարագործներ կարենային ձեռք անցընել եւ սպաննել: Պատմութիւնը բնաւ կաթողիկոսին մասնակցութիւնը չի յիշեր այդ քաղաքական պատահարներուն մէջ, որոնց միջամտելն ալ դժուար էր իրեն, իր դիրքին հեռաւորութեան պատճառով: Միւս կողմէն գործը կը կատարուէր Հալէպի սուլտան Նուրետտինի կամօք, Ներսէս ալ Հռոմկլայի մէջ անոր հովանաւորութեան ներքեւ էր, եւ չէր կրնար հակառակ ուղղութիւն ցոյց տալ, գուցէ յարաբերութեանց դիւրութիւն մըն ալ կ՚ակնկալէր, երբ Կիլիկիա ու Հռոմկլայ միեւնոյն գերիշխանութեան ներքեւ միանային: Ներսէսի մնացեալ կեանքը Մլեհի իշխանապետութեան ժամանակակից եղաւ, բայց ոչ Մլեհէ դիւրութիւն մը ստացաւ, եւ ոչ Մլեհ Ներսէսի եկեղեցական գործերուն միջամտեց:

974. ԹԷՈՐԻԱՆՈՍ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ

Ներսէսի առ կայսր գրած նամակը եւ Արեւելք գալու առաջարկը երկար ատեն խորհրդածութեան առարկայ եղան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Կ՚երեւի թէ Մանուէլ բոլորովին անգործադրելի չէր նկատած Ներսէսի առաջարկը, սակայն իրականացումը դժուարացաւ, զի արեւմտական աշխարհին շփոթմամք զբաղեալ` անկարանայր զելսն յԱրեւելս (ԸՆԴ. 144): Իրօք ալ գիտենք որ Հունգարացւոց եւ Սերբիացւոց հետ պատերազմներ կը մղէր այդ միջոցին, եւ Կիլիկիոյ պատահարներն ալ 973) ապահովութիւն չէին ներշնչեր: Հազիւ թէ 1170-ին, երբ պահ մը ամէն կողմ հանդարտութիւն կը տիրէր, Մանուէլ կրցաւ միութենական ձեռնարկին նորէն մտադրութիւն դարձնել եւ ուզեց աւելի մօտէն տեղեկանալ ճշմարտապէս կամաց Հայաստանեայց, եւ վստահ ըլլալ թէ ախորժելի է՞ նոցա միաւորութեանն խնդիր (ԸՆԴ. 244), այսինքն թէ յանձնառու պիտի ըլլա՞ն Յոյներուն դաւանութեան եւ արարողութեանց համակերպիլ: Այս անգամ գործը մինակ նամակով չուզեց վերջացնել, այլ երկու պատգամաւորներ ճամբայ հանեց, մէկը Թէորիանոս Մայիստր որ է Մագիստրոս, ազգաւ Յոյն, միւսը Յովհաննէս Ութման, ազգաւ Հայ, Փիլիպպուպոլիսի Հայոց վանքին վանահայրը, որ երբեմն Վահան ալ կոչուած է: Ձեռուընին նամակ մըն ալ տուաւ Մայիսին գրուած, եւ ուղղուած պատուական եւ իմաստուն կաթողիկոսի Հայոց տեառն Ներսէսի (ԸՆԴ. 144): Թէորիանոս եւ Յովհաննէս Մայիս 15-ին կայսրութեան սահմանագլուխը անցան, եւ փութացին Հռոմկլայ հասնիլ, գիրը ներկայել եւ բանակցութեան ու վիճաբանութեան մտնել Ներսէսի հետ, գլխաւորապէս միաբանութիւն եւ երկու բնութիւն բացատրութեանց վրայ: Թէորիանոս իմաստասէր ոչ կամէր տեղի տալ եւ ընդունիլ սուրբ հարց կամ Կիւրեղեան բանաձեւը, մի է բնութիւն Բանին մարմնացելոյ: Իսկ Ներսէս երկոքամբքն սպառազինէր, միութիւնը պաշտպանելով Նեսրոտի դէմ, եւ անշփոթութիւնը Եւտիքէսի դէմ (ԸՆԴ. 145): Ութմանի բռնած դիրքը չէ ճշդուած, բայց Հայոց կողմ եղած պէտք է ըսել, քանի որ Ներսէս զայն կը կոչէ համազգի մեր եւ համակրողն (ԸՆԴ. 146): Ներսէս վերջապէս զիջաւ յայտնել, թէ Յոյներ երկու ըսելով կրնան հեռի նկատուիլ ի Նեստորի բաժանմանէն, ինչպէս Հայեր մի ըսելով հեռի են յԵւտիքեայ շփոթմանէն: Բայց չհաւանեցաւ Հայոց ընդունած բանաձեւը փոփոխել, պատճառելով հրաւէր ղրկել ի Մեծն Հայք եւ յամենայն կողմանս, եւ հաւաքել զամենեսեան յորս իցէ զօրութիւն իմաստութեան եւ ըստ այնմ որոշում տալ: Աթոռը կ՚ըսէ, յօտար յաշխարհ տարբերի պանդխտութեամբ, եւ չունի իր մօտ եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, եւ առանց խորհրդակցութեան նոցա անմարթ է զկատարեալն տալ պատասխանի (ԸՆԴ. 147): Միեւնոյն տեսութեամբ ճշմարիտ դաւանութեան երրորդ գիր մըն ալ պատրաստեց սոսկ բնութեան խնդրին մասին (ԸՆԴ. 145-153), որ կրէ Հայոց 619 այսինքն, 1170 թուականը, Հայոց արեգ եւ Հոռոմոց Հոկտեմբեր ամսոյն գրուած, եւ զայն յանձնեց Թէորիանոսի եւ Յովհաննէսի տանիլ Բիւզանդիոն: Նամակին թուականը կը հաստատէ թէ տակաւին շարժական տոմարն էր` որ սովորաբար կը գործածուէր Հայոց մէջ, եւ մենք ալ սոյն հիմամբ շարունակ շարժական տոմարի հաշիւները առջեւ կը բերենք: Վասնզի իրօք Հայոց 619 թուականին արեգը կը սկսէր Սեպտեմբեր 5-ին եւ կը վերջանար Հոկտեմբեր 4-ին, մինչ անշարժ տոմարով արեգի սկիզբը կը համեմատուի Մարտի 9-ին: Ներսէսի բացատրութեամբ արեգին Հոկտեմբերի համեմատուելէն կը քաղենք (ԸՆԴ. 153) թէ նամակը գրուած է արեգի վերջին եւ Հոկտեմբերի առաջին չորս օրերէն մէկուն, եւ թերեւս նոյնիսկ Հոկտեմբեր 1-ին:

975. ԹԷՈՐԻԱՆՈՍԻ ԳՐՈՒԱԾԸ

Թէորիանոս Ներսէսի հետ ունեցած բանակցութիւնը ու վիճաբանութիւնները գիրի առած էր, ու Կոստանդնուպոլիս կը դառնար, ի ձեռին ունենալով զպէս պէս հարցմանցն նշանագրութիւն, եւ զՀայաստանեայց յօժարամիտ լինելն ի միաբանութիւն (ԸՆԴ. 153): Լամբրոնացիին պատմածին համեմատ, Թէորիանոս բոլոր Յոյները հիացուցանէր Ներսէսի վրայ տուած տեղեկութիւններով, սքանչելի վարուցն պատմութիւնով, զպարկեշտութիւն անձինն եւ զճգնաւորական կրօնսն նկարագրելով, եւ ներկայելով զայն միշտ ի հարցմունսն խոնարհամիտ, ի պատասխանիս հանդարտ, խաղաղութեանն խնդրող, եւ զսիրոյն օրէնսն հաստատող: Այնպէս որ Յոյներ կը սկսէին Հայոց դէմ ունեցած հնացեալ ատելութիւննին սիրոյ փոխարկել, եւ ամէն տեսակ համարձակութիւն տալ անոնց ի թագաւորական քաղաքին եկեղեցիսն (ԸՆԴ. 154): Պատշաճ էր որ Թէորիանոս իր պատգամաւորութեան մասին տեղեկագիր մը պատրաստէր, եւ վիճաբանութեան ամփոփումը գիրի առնէր, եւ իրօք այսպիսի գրուած մը յունարէն կը գտնուի, եւ Կալանոս զայն հայերէնի վերածած է իր պատմութեան մէջ (ԿԱԼ. 242-322), հետեւեալ մակագիրով. Առաքումն ի մեծէն կայսերէ Մանուէլէ առ Հայս, յորում դնի տրամաբանութիւնն զոր արար հրեշտակն Յունաց Տրիանէ, ընդ Կաթողիկոսին Հայոց տէր Ներսէսի: Թէորիանոս իր գրուածը պատրաստեց դառնալէն ետքը, որպէսզի անով կարեւորութիւն տայ իր պատգամաւորութեան, արդիւնք պատրաստէ իր անձին, բայց Ներսէս չկրցաւ տեսնել Թէորիանոսի գրածները եւ իր բերանը դրուած խօսքերը: Ուստի ոչ մէկ կերպով կրնան հեղինակութիւն կազմել Թէորիանոսի գրութեան մէջ Ներսէսի վերագրուած յայտարարութիւնները: Ազգային զրոյցներուն համեմատ, իմաստասէր ոմն Կոստանդնուպոլսու, անուն Թորա, լուեալ զհամբաւ Ներսէսի, բարձեալ գրեանսն իւր ի վերայ գրաստուց, եկն փորձել զնա, բայց աւուրս բազումս խօսակցելով, եգիտ զնա անփորձ ամենայնիւ, եւ Կոստանդնուպոլիս դառնալով վկայեց թէ նոր ոմն Գրիգոր Ասատուածաբան յարուցեալ է (ԿԻՐ. 67): Իսկ Թէորիանոսի գրուածին մէջ ներկայացուած Ներսէսը` տգէտ մըն է կատարեալ, որ ոչ սուրբ գիրքը կ՚իմանայ, ոչ սուրբ հայրերը գիտէ, ոչ ալ իմաստասիրական սկզբունքներու ծանօթ է. Մի բնութիւն բացատրութիւնը մոլորութիւն կ՚անուանէ (ԿԱԼ. 282), կը հերքէ եւ կը նզովէ Քաղկեդոնին դէմ եղողները, եւ տրտմական սրտիւ եւ արտասուալից աչօք, կը խնդրէ, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը հանդիսապէս օրհնեսցէ զազգն Հայոց, որ այնքան ժամանակս եկաց մնաց ի նզովս (ԿԱԼ. 321): Թուղթ մըն ալ կը յանձնէ Թէորիանոսի, թէ ինքն ընդունէր զմեծագոյն եւ զտիեզերական սուրբ ժողովն Քաղկեդոնի (ԿԱԼ. 322): Արդ մեր ձեռքը եղող Ներսէսի գրուածները ասոնց հակառակը կը վկայեն, եւ զայն հաստատուն կը ցուցնեն Հայոց դաւանութեան եւ աւանդութեան վրայ (ԸՆԴ. 151): Թէորիանոսի կեղծիքներուն բան մըն ալ Կալանոս կ՚աւելցնէ, եւ Ներսէսի ու իրեններուն բերանը կը դնէ: Ես ի Հռոմայեցւոց կողմանէ եմ` բացատրութիւնը (ԿԱԼ. 261), որպէս Ներսէսի Հոռոմներու հետ համաձայնութիւնը աւելի առջեւ տանի եւ հռոմէադաւանութեան հասցնէ, ինչ որ իր բուն դիտումն է: Ըստ այսմ չ՚արժեր որ աւելի երկարենք գրութեան մը վրայ, որ Յոյն վարդապետին ինքնագովութեան եւ կեղծիքներուն միայն փաստը կրնայ նկատուիլ, եւ ոչ իրական պատմութիւն:

976. ՆԵՐՍԷՍԻ ՀԵՏ ԵՂՈՂՆԵՐ

Այդ գրուածէն կը քաղենք, որ վիճաբանութեանց ատեն Ներսէսի հետ գտնուած են իր ազգական Գրիգոր եպիսկոպոսը (ԿԱԼ. 261), որ կը կարծուի ըլլալ Վասիլ եղբօրը որդին Գրիգոր տղան, Պետրոս եպիսկոպոս Սափիրիայ (ԿԱԼ. 262), հաւանաբար Սաւրիայ, այսինքն է Իսաւրիոյ, Յովհաննէս Ասորի եպիսկոպոս Կեսոնիոյ (ԿԱԼ. 277), որ պէտք է ըլլայ Քէսունը, Սահակ եպիսկոպոս (ԿԱԼ. 289)եւ Վրթանէս վարդապետ (ԿԱԼ. 278): Թէորիանոս տեսած է զեպիսկոպոսսն Հայոց զիւրաքանչիւր բազմիլ ի տեղի իւր (ԿԱԼ. 279): Կ՚ըսէ եւս թէ Ներսէս իբր քաղկեդոնականութեան պաշտպան յիշած է ոմն կաթողիկոս Հայոց որոյ անուն էր Յովհաննէս, եւ որ ապրած կ՚ըլլայ առաջ քան զժամանակս երկու հարիւր ամաց: Արդ 1170-էն 200 տարի առաջ, այսինքն 970-ին ապրող կաթողիկոսը Վահան Սիւնին է 771), եւ Յոհան ու Վահան անուններ ստէպ փոխանակուած են: Բայց զարմանալի կ՚ըլլար որ Ներսէս այդչափ բարձրացնէր գահընկէց կաթողիկոսին անունը, եւ գիրք մը ցուցնէր գրեալ ի նմանէ ընդդէմ Միաբնակաց, եւ զոր Գրիգոր Պահլաւունին ալ հաստատեալ ըլլայ (ԿԱԼ. 312): Յովհաննէս կաթողիկոս մը որ դաւանական գիրք մը ունի` միայն Օձնեցին է, բայց այն 450 տարի առաջ ապրած էր, եւ ոչ ընդդէմ Միաբնակաց 570), զոր Գրիգոր եւ Ներսէս ալ կրնային հաստատել առանց քաղկեդոնիկ ըլլալու: Այսչափ ինչ բաւական ըլլայ Թէորիանոսի գրուածին վրայ: Վերագոյնդ յիշեցինք Գրիգոր եպիսկոպոս մը Շնորհալիին մօտ եւ անոր ազգական, զայն նոյնացնելով Վասիլի որդւոյն հետ: Այդ առթիւ պէտք է յիշենք միւս Գրիգոր եպիսկոպոսն ալ, Շահանի որդին, աւազանի անունով Ապիրատ կոչուած, որ իբր մականուն գործածուեցաւ կաթողիկոսանալէն ետքը: Պահլաւունիք սովոր էին իրենց ցեղէն եկեղեցականներ պատրաստել, որք լաւ կրթուած եւ պատրաստուած ըլլալով մէկտեղ, կաթողիկոսական աթոռին ժառանգական յաջորդները կը նկատուէին: Ներսէս իր երկու եպիսկոպոս եղբօրորդիներէն զատ եղբօր թոռ մըն ալ ունէր իրեն մօտ, միեւնոյն ուղղութեան եւ կրթութեան հետեւող, այն է Շահանի Շահանդուխտ աղջկան եւ Լամբրոնի Օշին իշխանին կրտսեր որդին Սմբատ, զոր հաւանաբար իրեն հետ առած էր 1165-ին, վերջին անգամ Լամբրոն մեկնելուն ատեն եւ զոր եկեղեցական ուսմանց մէջ կրթեց, եւ 1168-ին քահանայ ձեռնադրեց տասնեւհինգ տարեկան եղած ատեն, իր անունն ալ տալով անոր: Ներսէս Լամբրոնացի, արդէն ուշիմ եւ մտացի երիտասարդ, Շնորհալիի պէս իմաստուն եւ գործունեայ առաջնորդի մը ձեռքին տակ, եւ հայրապետանոցի պաշտօնական շրջանակին մէջ, եւ միութենական խնդիրներու հետ շփմամբ, մեծամեծ իղձեր կազմեց այդ մասին, եւ եռանդուն եւ բուռն զգացումներ ստացաւ, որք իր կեանքին նկարագիրը կազմեցին, օրինակելով Շնորհալիին անկեղծ փափաքները, բայց ոչ անոր հանդարտաբարոյ եւ ճարտար չափաւորութիւնը:

977. ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՅ ՄԷՋ

Թէորիանոսի եւ Ութմանի Բիւզանդիա դառնալէն ետք, նորէն երկու տարիներ կանցնին, մինչեւ որ Մանուէլ կայսր Հայոց կաթողիկոսին նամակն ու ընթացքը կշռէր, միութեան գործին մասին գործնական ծրագիր մը կազմէր, եւ զայն վերջացնելու ձեռնարկէր: Եթէ իրօք Ներսէս եւ իր եպիսկոպոսները այնպէս համոզուած էին քաղկեդոնիկ դաւանութեան, որ բացարձակապէս կը հերքէին եւ կը նզովէին հակաքաղկեդոնականները (ԿԱԼ. 321), շատ աշխատանք մնացած պիտի չըլլար միութիւնը անմիջապէս կնքելու, եւ ոչ ալ հարկ պիտի ըլլար Ներսէսի վերագրել այնպիսի ծիծաղելի դեր մը, որ ժողով գումարէ, եւ այնտեղ կեղծելով խօսի ի կողմանէ Հայոց, վիճաբանելով ընդդէմ Յունաց, եւ ապա պատշաճաւոր կերպիւ եւ սակաւ սակաւ տեղի տայ, եւ դուռ բանայ ի բաց բառնալ զմոլորութիւնս իւրեանց (ԿԱԼ. 319): Թէորիանոս պէտք է յուսադրած ըլլայ կայսրն ու պատրիարքը, որ անոնք կրցած են համարձակօրէն առաջարկել` հռչակաւոր ինը կէտերը, որ գլխագրեալ խնդիրք են կոչուած (ԸՆԴ. 136): Իրաւ երկու տարուան յապաղումին պատճառ կրնան նկատուիլ կայսրութեան եւ Վենետկեցւոց մէջ տեղի ունեցած պատերազմները` բայց եթէ գործը իսկապէս պատրաստ էր, դժուար չէր միեւնոյն ատեն Հայոց հետ միութիւնը կնքել, որով Մանուէլ Լատիններու դէմ մղած պայքարին օժանդակ մը գտած կ՚ըլլար, Հայերը բոլորովին հեռացնելով Լատիններուն բարեկամութենէն: Երկամեայ միջոցին համար, 1170-է 1172, որոշակի պատմուած եղելութիւններ չունինք Շնորհալիի գործունէութեան մասին, եւ յարմար կը սեպենք զայն լեցնել այն մանր իրողութիւններով զորս կը քաղենք իրեն նամակներէն:

978. ԱՐԵՒՈՐԴԵԱՑ ԴԱՐՁԸ

Ներսէսի հայրապետական գործունէութենէն նշանաւոր է Արեւորդիներուն դարձը: Ասոնք Հայ աղանդաւորներ էին, զորս Ներսէս կը համեմատէ Հոռոմ Պողոմելասներու որք են Բուլղար Բոկոմիլները, որով հին Պաւղիկեաններու ճիւղ մը եղած ըլլալնին կը յայտնուի, Հայ Թոնդրակեցիներու նման աղանդ մը, եւ թերեւս հատուած մը Ամայեցիներու եւ Շպղթանցիներու, որոնք յիշուեցան Պահլաւունիի ատեն 946): Սակայն Ներսէսի տուած բացատրութեանց մէջ, Թոնդրակեցիներու կամ Պաւղիկեաններու հասարակ եղող նշաններէն աւելի կը շեշտուին` Արեւի պաշտօնը, սատանայի պաշտամունքը եւ բարտի ծառին յարգանքը, եւ այս կերպով աւելի կը մօտենան, ներկայիս Եէզիտի կոչուած ցեղին հետ, որ աւելի իսլամութեան կերպարաններ առած է: Այդ մասին կարեւոր կը սեպենք միայն ըսել, թէ այս արեւելեան աղանդաւորներ ամբողջ միութիւն մը չէին կազմեր, այլ տեղերու եւ ժամանակներու տարբերութեան համեմատ աւելի պակաս վարդապետութիւններ եւ սովորութիւններ ունէին, եւ իրարմէ անկախ աղանդներ կը կազմէին: Սամուսատի Արեւորդիներէն խումբ մը փափաքելով Հայ եկեղեցւոյ մէջ ընդունուիլ, Թորոս արքեպիսկոպոսի եւ Գազան իշխանի դիմած էին, անոնք ալ կաթողիկոսէ կ՚ուզեն սորվիլ թէ ինչ ձեւերով պիտի ընդունուին: Ներսէսի այդ առթիւ գրածը ունինք (ԸՆԴ. 223-229), ուր նախ ամէն դարձողները եւ զղջացողները ընդունելու քրիստոնէական սկզբունքը կը բացատրէ, յետոյ չմկրտուածները մկրտութեամբ եւ մկրտուածները խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ ընդունիլ կը հրամայէ` խորհրդական ծէսերը պահելով, եւ յատկապէս արեւի եւ սատանայէ եւ բարտիէն հրաժարումները կը շեշտէ: Իբրեւ քրիստոնէական պարտաւորութիւն` երկիցս եւ երիցս ի տարւոջ խոստովանիլ եւ ապաշխարել կը հրամայէ, կը յանձնարարէ քրիստոնէական կրօնքը սորվեցնել, մէջերնէն տղաքներ առնելով քահանայութեան պատրաստել, Արեւորդի կոչումը դադրեցնել, եւ վերջապէս կը հրամայէ որ քահանաներ` մկրտութեան եւ խոստովանութեան եւ հաղորդի եւ թաղման, եւ այլ արարողութեանց համար, նուէրները հարկիւ չպահաջեն, այլ ինչ որ հաւատացեալներ իւրեանց կամաւ ընծայեն` բաւական համարին, որպէսզի զգայթակղեցուցչաց զպատուհաս չկրեն: Այդ կէտերուն մասին Արեւորդիներուն պատգամաւորութեան կողմէն ալ խօսուած ըլլալը կը յիշեցնէ:

979. ԾԻՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Վարդան պատմիչ իբր գովեստի մի կէտ կը յիշէ թէ Ներսէս եօթն ամ պաշտեալ զպատիւն կաթողիկոսութեան վախճանեցաւ` եօթն եպիսկոպոս ձեռնադրեալ ձրի, արք անուանիք եւ ընտիրք, ո'ր վարդապետ եւ ո'ր փիլիսոփայ (ՎԱՐ. 129): Ասով պատմիչը կ՚ուզէ շեշտել թէ ոչ շատեր եւ ո'չ անարժաններ ձեռնադրեց, եւ ոչ ալ կաշառքով շնորհաբաշխութիւններ ըրաւ: Ստոյգ է որ եօթն տարիներու մէջ շատ աւելի վիճակներ կրնային եպիսկոպոսի պէտք ունենալ, բայց կ՚երեւի թէ շատ խիստ եղած է Ներսէս այդ մասին: Եօթը եպիսկոպոսներու անունները յիշուած չեն, բայց գիտենք թէ ասոնցմէ մէկը եղած է Կարսի եպիսկոպոս Խաչատուրը, զոր ձեռնադրած է Ներսէս անոր ազգակից Աբրահամին տեղը: Այդ մասին յղած գիր շրջաբերական (ԸՆԴ. 218-222) նամակէն կը քաղենք, որ Խաչատուր քահանայ կը կոչուի պարզապէս, եւ ամուսնացեալ դասակարգէ եղած ըլլալը հաւանական կ՚երեւի, զի թէպէտ վանականներու կամ կուսակրօններու ալ քահանայ կոչումը տրուած է երբեմն, այլ անոնք վանացերէց կոչուած են: Ձեռնադրութիւնը կատարած է կենսակիր խաչիւս եւ աստուածախօս աւետարանաւս եւ սուրբ Լուսաւորչին աջովս, որով Աջին ձեռնադրութեանց ալ գործածուած ըլլալը կը տեսնուի: Նոյն գիրին մէջ ամուսնութեանց վրայ խօսելով կը յիշեցնէ առն եւ կնոջ անբաժանելի զուգաւորութեան օրէնքը, կը մեղադրէ որ ոմանք յեպիսկոպոսաց արեւելից, արհամարհելով զօրէնս Աստուծոյ, բաժանեն անխտրաբար սակս սակաւ ինչ կուրացուցիչ մամոնայի, եւ կը հռչակէ թէ բաժանումը օրէն չէ, բաց ի բանէ պոռնկութեան, եւ որ այլ եւս են ի կանոնս սուրբ հարցն գրեալ պատճառք (ԸՆԴ. 220): Ասով ամուսնալուծման կանոնը կը հաստատուի, բայց միշտ կանոնական պատճառներով եւ եկեղեցական իշխանութեամբ: Թուղթին մնացեալ մասերը բարեկարգութեան խրատներ են թէ ձեռնադրեալին եւ թէ իր ժողովուրդին ուղղուած: Ներսէսի եօթն եպիսկոպոսներէն մէկն ալ պէտք է եղած ըլլայ Ստեփանոս Սիւնեաց եպիսկոպոսը, որ 1168-ին յաջորդեց իր հօր եւ նախորդին Գրիգորի (ՕՐԲ. Բ. 86), այն որ Պահլաւունիէն էր ձեռնադրուած 944), եւ հարկաւ Ստեփանոս ալ անոր հետեւած կ՚ըլլար: Ստեփանոսէ ետքէն նստող երկու եպիսկոպոսներուն համար խօսելով Օրբելեան կ՚ըսէ, թէ Սարգիս Աղուանից եւ Յովհաննէս Աղթամարի աթոռէն ձեռնադրուեցան (ՕՐԲ. Բ. 87), եւ Ստեփանոսի համար բան մը չըսելը Հռոմկլայի աթոռէն ձեռնադրուած ըլլալը կը հաստատէ: Յիշեալ եօթն եպիսկոպոսներու մէջ կրնային թերեւս համարուիլ, իր եղբօրորդիներն ալ Գրիգոր Տղայ եւ Գրիգոր Ապիրատ, եթէ անոնք աւելի կանուխ Պահլաւունիէն ձեռնադրուած չէին, ինչ որ մեզի աւելի հաւանական կ՚երեւի, քանի որ Պահլաւունիներ երիտասարդ տարիքներուն մէջ եկեղեցական աստիճաններու կը բարձրանային: Հետեւաբար Կարսի եւ Սիւնաց եպիսկոպոսներէն զատ` Ներսէսի ձեռնադրած միւս հինգերն ալ, գլխաւոր վիճակներու թեմակալներ պէտք է եղած ըլլան:

980. ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Ներսէս Շնորհալի Մանուէլի գրած նամակին մէջ խոստացած էր միութենական խնդիրին վերջ տալու համար ժողով գումարել 974), սակայն յայտնի է թէ այդ մասին բնաւ շտապելու միտք չունէր, եւ մինչեւ որ Յոյներու կողմէն որոշակի եւ ճշդակի պատասխաններ չստանար եւ միութիւնը իր իմացած կերպով ծրագրուած չտեսնէր, բնաւ պաշտօնական գործողութեանց անցնելու մտադիր չէր: Այդ դիտումը յայտնապէս կը տեսնուի առ եպիսկոպոսս եւ վարդապետս Հայաստանեայց գրած նամակին մէջ (ԸՆԴ. 209-210), ուր յիշելէ ետքը թէ կայսեր կողմէն առաջարկներ եւ պատգամաւորներ եկած են, կը վստահեցնէ թէ առանց կանխաւ իրենց հետ ժողով գումարելու որոշում պիտի չտայ, եւ կը զգուշացնէ զի մի յանիմաստից ոմանց անուղղապէս ինչ լուեալ այլընդայլոյ ինչ կարծիցէք: Առ այժմ կը գոհանայ աղօթք յանձնարարել, սակայն ժողովի հրաւէր չ՚ըներ, այլ միայն կը յանձնարարէ գալ, յորժամ վերստին հասցէ առ ի մէնջ, յետ այժմու հրաւիրանացս, կոչման գիր եւ բան: Աւելի մանրամասնութեանց չի մտներ, այլ կը թողու որ զբովանդակն յեկեալ եղբարցդ հասկանան: Իսկ այդ եղբայրները հարկաւ գործին մօտէն տեղեկութիւն ունեցող եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ են, որ կ՚երթան յարեւելս, շրջել ի սուրբ տեղիս ուխտից Հայաստանեայց: Որչափ հեռի է այդ ընթացքը, Թէորիանոսի նկարագրած` արտասուաթոր աչքով զղջացող եւ քաղկեդոնիկ երկաբնակութիւնը ընդունող Ներսէսի կարծեցեալ կացութենէն 975): Ներսէս ոչ միայն չէ կրցած այդպիսի յայտարարութիւն մը ընել, այլ եւ ընողները խստիւ կը յանդիմանէ, որոնք ապստամբելով ի հայրենատուր աւանդից կը կարծեն աղէկ բան մը ըրած ըլլալ: Այս տեսակէն է Պօղոս Տարսոնացի քահանան, որ ինքզինքը Սամուէլ Սամոսատցի ընկերէն ամբաստանեալ կարծելով, չքմեղանաց գիր մը գրած էր Ներսէսի, եւ իր հոռոմացեալ ըլլալը կը պաշտպանէր: Ներսէս այդ գիրին պատասխանելով (ԸՆԴ. 207-209) կը յատարարէ, թէ եղելութիւնը միայն նոյնինքն Պօղոսի գրութենէն իմացաւ, իսկ անոր հոռոմանալը կը դատապարտէ, արգիլեալ պտուղը ուտող Ադամին կամ արգիլեալ օրեր ուտիքի կերակուր ուտողներուն նմանցնելով, եւ վճռելով թէ կարող էիր եւ աստանօր, այսինքն Հայոց եկեղեցւոյն մէջ, գործելովն զբարին արժանաւորիլ խոստացելոց բարեացն: Այդ խօսքեր հայադաւան եկեղեցւոյն ուղղափառութիւնը պաշտպանող հոգին կը ցուցնեն, ճիշդ հայադաւան ուղղութեամբ, որ իր դաւանութիւնը չի փոխեր, բայց յաւիտենական փրկութիւնն ալ իրեն բացառիկ սեփականութիւնը չ՚ըմբռներ:

981. ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Թէորիանոսի վիճաբանութեանց մէջ Կեսոնիոյ Ասորի եպիսկոպոս Յովհաննէսի մի անունը յիշուած էր 976), եւ հարկաւ նոյն այս Յովհաննէս եպիսկոպոսն է, զոր կը յիշէ Շնորհալի, Ասորւոց Միխայէլ պատրիարքին գրած նամակին մէջ (ԸՆԴ. 205-206): Ասորւոց պատրիարքը մեռած էր նոյն իսկ Պահլաւունիին վախճանած շաբաթը, եւ Ասորի եպիսկոպոսներ նոր պատրիարքի ընտրութեան առթիւ Հայերուն հետ մերձեցման գաղափարը յղացեր եւ երկու եպիսկոպոսք իբրեւ պատուիրակ ղրկած էին Ներսէսի մօտ վասն միաբանելոյ ընդ ազգիս մերում (ԸՆԴ. 117): Ընտրուած պատրիարքը Միխայէլն էր, եւ երկու եպիսկոպոսներէն մէկը կամ առաջինը Յովհաննէսն էր: Իսկ Հայերուն եւ Ասորիներուն մէջ խնդրոյ նիւթ եղող կէտը` ապականութեան խնդիրն էր, այսինքն է Յուլիանեանց եւ Սեւերեանց տարբերութիւնը 350), ինչ որ գոհացուցիչ լուծում ստացած էր Օձնեցիին ատենը 572), բայց ինչպէս սովորական է, ամէն մի մանր պարագայ առիթ կ՚ընծայէր հին զրոյցներ նորոգելու, եւ այսպէս եղած էր այս անգամ ալ: Ոմանք սկսած էին նորէն Ասորիներուն հաւատացնել, թէ Հայք զՅուլիանեայն Աղիկառնացւոյ ունին զխոստովանութիւն, ուստի Շնորհալին կը բաւականանայ յայտարարել` թէ կաթողիկէ եկեղեցի նզովէ ոչ միայն Յուլիանեանց վարդապետութիւնը զասացողսն եւ զընդունողսն, այլ եւ զանիրաւ զրպարտողսն զմեզ, եւ ամէն բան Յովհաննէս եպիսկոպոսին հասկցնելով, եւ ձեռքն ալ համառօտ թուղթ մը տալով Միխայէլ պատրիարքին կը դարձնէ, Թէորիանոսի Կոստանդնուպոլիս մեկնելէն ետք: Անապականութեան խնդրով յատկապէս կը զբաղի Շնորհալին, Յակոբ Մելիտինեցի Ասորի վարդապետին գրած նամակին մէջ (ԸՆԴ. 230-240), որով մանրամասնօրէն կը մեկնէ սուրբ գրոց վկայութիւնները եւ Հայ եկեղեցւոյ դաւանութիւնը, սակայն վարդապետականէն դուրս, պատմական պարագայ մը չի ներկայէր, եւ դաւանական կէտեր արդէն բացատրուած են մեր նպատակին բաւելու չափ 574):

982. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆՔ

Թէորիանոսի Կոստանդնուպոլիս դառնալուն վրայ անցած երկու տարիներու միջոցին պէտք է դնել` Կիլիկիոյ եւ Լամբրոնի իշխաններուն միջեւ նորէն ծագած գժտութիւնը, որ վերջացած կ՚երեւէր Շնորհալիի հաշտարար պատգամաւորութենէն ետք 950): Անկէ առաջ անգամ մըն ալ հաշտուած էին Ռուբինեանք եւ Օշինեանք, եւ խնամութիւն ալ կնքած էին Թորոսի աղջիկը ամուսնացնելով Օշինի անդրանիկին` Հեթումի հետ 949): Սակայն քաղաքականութեան եւ ոչ սիրոյ ամուսնութիւն մըն էր եղածը, եւ Հեթում, որ արդէն Լամբրոնի իշխան կամ սեւաստա հռչակուած էր Օշինի 1169-ին մեռնելէն ետքը, ատէր զդուստրն պարոն Թորոսի, բայց աներէն վախնալով ձայն չէր հաներ, մինչեւ որ զկնի մահուան համարձակութիւն առաւ, կինը արձակեց եւ եհան ի տանէն իւրմէ: Մլեհ որչափ ալ ժամանակին Թորոսի հետ խռոված, սակայն ուզեց ազգատոհմին պատիւը պաշտպանել կամ թէ եղածը` թշնամութեան առիթ մը սեպեց, վասն զի վաղուց հետք Ռուբինեանք եւ Հեթումեանք մախային ընդ միմեանս (ՍՄԲ. 101): Մլեհ պատերազմ բացաւ, Լամբրոնը պաշարեց, եւ բնակիչները խիստ նեղէր սրով եւ սովով (ՍՄԲ. 102): Սովով նեղելու պարագան երկարատեւ պաշարման նշանն է, եւ կ՚երեւի թէ Յոյներն ալ չկրցան ազդուապէս պաշտպանել իրենց հաւատարիմ Լամբրոնացիները, եւ Հեթում ծանր պայմաններով պէտք է ստացած ըլլայ պաշարման վերջացումը, թէպէտ պատմիչը որոշակի կերպով չի գրեր պատերազմին ելքը, եւ ինչ որ Գրիգոր Տղայ եպիսկոպոսին միջնորդութեան համար` յիշատակագիրէ մը յառաջ կը բերուի, շատ մթին եւ անստոյգ կ՚երեւի (ՍԻՍ. 57): Մլեհի գործն եղաւ Ռուբինեանց իշխանութեան տեւական կեդրոն մը կազմել, զնորաշէն քաղաքն Սիս, որ հին Փլաբիուպոլիս քաղաքին տեղը շինուած կը կարծուի, եւ իր լաւ դիրքովը յարմարագոյնն էր իշխանութեան մայրաքաղաքն ըլլալու: Մինչեւ Մլեհ Ռուբինեան իշխանապետներ պարագայից համեմատ կը նստէին Կոպիտառ, Բարձրբերդ, Վահկայ, Անարզաբա, Մամեստիա եւ հաստատուն կեդրոն մը չունէին: Իսկ ինքն Մլեհ թէպէտ քաջարի եւ շինարար, այլ բնութեամբը համակրելի չկրցաւ ըլլալ: Պատմագիրներէն մէկը զիքն չարասիրտ կ՚անուանէ (ՍԱՄ. 136), ուրիշ մը գազանամիտ, չար եւ անողորմ (ՍՄԲ. 101), ուրիշ մըն ալ աղտեղի գործովք լցեալ կը կոչէ (ՎԱՀ. 211), եւ ըրածները թուելով կը յիշեն թէ զիւր հակառակսն եդ ի բանտ, զեպիսկոպոսունս ատամնաթափ արար, զկանայս համեստս խայտառակէր, եւ ուր դրամ կը տեսնէր` խլէր դնէր ի ջամբռ, այսինքն յարքունիս կը գրաւէր, եւ այսպէս լցաւ գանձով ի զրկանաց անմեղաց (ՍՄԲ. 101): Ներսէսի հետ պէտք էր որ բոլորովին տարբեր մէկ մը գտնուէր Հայ իշխանապետութեան գլուխը, որ ձեռք ձեռքի տալով մեծ արդիւնքներ յառաջ բերէին, իսկ Մլեհի հետ յարաբերութիւններն ալ խզած, առանձինն կը գործէր Շնորհալի հայրապետը:

983. ԻՆՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ

Մինչ այս մինչ այն, եւ ահա 1172 տարւոյ վերջին օրերը, նորէն Հռոմկլայ կը հասնէին Յոյն պատգամաւորներն, Թէորիանոս մագիստրոս եւ Յովհաննէս Ութման վանահայր, բանակցութիւնները շարունակելու, եւ եթէ յաջողէին, աւարտելու պաշտօնով: Ձեռուընին ունէին երկու նամակներ, մէկը Մանուէլ կայսէր, միւսը Միքայէլ պատրիարքէն, եւ բանաձեւուած առաջարկութեանց ցուցակ մը ինը գլուխներու վերածուած: Կայսրը 1172 Դեկտեմբերի սկիզբը գրած նամակով, անընդունելի կը դատէր պահել մի բնութիւն բանաձեւը, թէպէտեւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացին այդ բացատրութիւնը գործածած ըլլայ, կ՚առաջարկէր որ Հայեր ժողով գումարեն եւ ինը գլխակարգութիւնները ընդունին, եթէ ուրիշներ ալ պէտք ըլլան` աւելցնեն (ԸՆԴ. 154-155): Իսկ ինչ որ Լամբրոնացին կը յիշէ, որ այն գլուխներուն` որոնց չեն ուզեր տալ զհաւանականն հնազանդութիւն, զպատճառն յայտ առնելով ետ դարձնեն (ԸՆԴ. 154), նամակին մէջ յիշուած չենք գտներ: Միքայէլ պատրիարք ալ միութեան պէտքը եւ արդիւնքը բարձրացնելով, իբրեւ թէ Հայերը մոլորութենէ ետ դառնային, կը յայտարարէր, թէ Չափաւորութիւնս մեր, այսինքն ինքն եւ իրեն հետ եղող սուրբ եւ առաքելական եկեղեցին, զգիրկս իւր պարզեալ ունի ձերում սրբութեանցդ, եւ է պատրաստ ի ձեր ընդունելութիւնդ (ԸՆԴ. 157-159): Բայց գործին ծանրութիւնը ինը գլուխներու կը դառնար, որոնք կատարելապէս Հայ եկեղեցին հոռոմացնելու նպատակն ունէին, եւ կ՚երեւի թէ Յոյներ միամտօրէն հաւտացած էին, թէ Ներսէսի միութեան փափաքը` պիտի կարենար մինչեւ իր եկեղեցին փոփոխելու հասնիլ, ինչպէս Թէորիանոս փորձած էր ներկայել գործին վիճակը: Ինն գլուխներով կը պահանջուին. 1. Նզովել մի բնութիւն ըսողները, եւ յանուանէ Եւտիքէսը, Դէոսկորոսը, Սեւերիանոսը եւ Տիմոթէոսը. 2. Քրիստոսի վրայ դաւանիլ երկու բնութիւն, երկու կամք եւ երկու ներգործութիւն. 3. Սուրբ Աստուած էն վերցնել միջանկեալ եւ ու որ խաչեցար բառերը. 4. Աստուածայայտնութեան տօները Յոյներուն հետ կատարել, Աւետումը Մարտ 25-ին, Ծնունդը Դեկտեմբեր 25-ին, Թլփատութիւնը Յունուար 1-ին, Մկրտութիւնը Յունուար 6-ին, եւ Տեառընդառաջը Փետրուար 2-ին: Եւ անցողակի կերպով կ՚աւելցուէր փոխել նաեւ պարզաբար զամենայն տօնսն տէրունականս, եւ զսրբուհւոյ Աստուածածնին եւ զԿարապետին եւ զսրբոց առաքելոցն, եւ զայլ սրբոցն, որ է ըսել Հայոց յատուկ եօթնեկական դրութիւնը ջնջել. 5. Միւռոնը ձիթենիի իւղով պատրաստել. 6. Պատարագին խմորուն հաց ու ջրախառն բաժակ գործածել. 7. Պատարագի եւ ուրիշ պաշտամանց ատեն բոլոր ժողովուրդը եկեղեցւոյ մէջ պահել, ապաշխարողներէն զատ. 8. Չորրորդ եւ հինգերորդ եւ վեցերորդ եւ եօթներորդ կոչուած ժողովները ընդունիլ, որք են Քաղկեդոնի, Կոստանդնուպոլսոյ Բ. եւ Գ., եւ Նիկիոյ Բ. ժողովները: 9. Կաթողիկոսներու ընտրութիւնը Հոռոմոց թագաւորին հաւանութեան ենթարկել (ԸՆԴ. 156-157):

984. ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Միտքէ իսկ անցնելիք բան չէր, որ Ներսէս եւ Հայեր կարենային այդ պայմաններու ներքեւ միաբանութիւն կնքել եւ առաջարկեալ գլուխները ընդունիլ: Սակայն Շնորհալի հայրապետը երբեք իր շնորհալի կերպերը ձեռքէ չթողլով, եկող պատգամաւորներուն յայտնեց ինչ որ առաջին անգամ ըսած էր, թէ առանց ազգային ժողովի եւ Արեւելեան եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու հետ համաձայնութեան պատասխան չէր կրնար տալ, եւ թէ տակաւին ժողովը չէր հրաւիրած, Յոյներուն կողմէն գալիք առաջարկութեանց սպասելով, եւ թէ ձմեռնային միջոցին ժողով գումարել անհնար էր, եւ մինչեւ ամառ պէտք էր սպասել: Ներսէս վստահեցնելով թէ ինքն պէտք եղածը կը կատարէ, անոնց բերած երկու նամակներուն մէկմէկ պատասխան գրեց, ձեռուընին տուաւ եւ զիրենք Կոստանդնուպոլիս դարձուց: Մանուէլ կայսեր գրած նամակին մէջ համարձակօրէն կը հաստատէ, թէ աւանդութիւնն եկեղեցւոյ մեր զոր ունիմք, ի վկայութենէ Աստուածաշունչ գրոց հաստատեալ է, որով ուղղակի բնութեանց խնդիրին կ՚ակնարկէ, այսուհանդերձ որչափ հնար լինի բռնադատել զերկրորդն բնութիւն: Հայեր պիտի ջանան զիջողութիւններ ընել, բայց ոչ իբր ի մոլորութենէ դառնալով ի ճշմարտութիւն: Կը յաւելու թէ ինչ որ չեն կրնար զիջողութեամբ փոխել, պիտի պարտաւորուին պահել, կամ թէ սպասել որ փոքր փոքր ուղղեսցի ըստ ժամանակի: Միւս կողմէն Հայերն ալ Յոյներուն պիտի առաջարկեն ինչ որ անոնց վրայ գայթակղութեան պատճառ կը նկատեն, որպէսզի անոնք ալ հաճին այդ կէտերը բառնալ եթէ ստոյգ միաբանութեան կը փափաքին: Այս կէտերը ժողովով խորհելէ ետքը կը խոստանայ եկեղեցական պատգամաւորութեամբ ժամանակին հաղորդել, եւ այս կերպով Յոյներուն կողմէ նոր պատգամաւորութիւն մը ղրկուելուն առջեւը կ՚առնէ, եւ ժողովը առանց Յոյներու ներկայութեան ընելու եւ կատարելու մտադրութիւնը կը յայտնէ (ԸՆԴ. 160-161): Իսկ Միքայէլ պատրիարքին գրած նամակին մէջ գեղեցիկ դարձուածներով կը բարձրացնէ միութիւնը եւ կը գովէ միաբանութեան համար աշխատութիւնները, եւ փափուկ կերպով կ՚ազդարարէ վերջացնել մարդկային ախտիւ, անօգուտ բանակռուութեամբ եւ սնոտի յաղթասիրութեամբ մղուած վէճերը, յորմէ ոչինչ օգտեցաւ եկեղեցի, եւ կը պահանջէ որ Յոյներն ալ հանդիսական ժողով գումարեն, եւ այնպէս պատասխանեն Հայոց ժողովին առաջարկութիւններուն (ԸՆԴ. 163-165):

985. ԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱՐ

Երբ Թէորիանոս եւ Յովհաննէս պատգամաւորներ Հռոմկլայէ կը մեկնէին` Շնորհալին ժողովոյ հրաման հանէր, Լամբրոնացիին պատմածին համեմատ (ԸՆԴ. 165): Սակայն մենք կը տեսնենք որ Ներսէսի կողմէն պաշտօնական հրաւիրագիր չցրուեցաւ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն, եւ ժողովի օր չորոշուեցաւ: Եթէ այսպիսի որոշում մը տրուած ըլլար, հարկաւ զայն շրջաբերականով հրատարակած կ՚ըլլար Շնորհալին, որ Թէորիանոս առաջին պատգամաւորութենէն ետքն ալ` յատուկ շրջաբերական մը գրած էր (ԸՆԴ. 209), եւ Լամբրոնացին ալ զանց չէր ըներ զայն յառաջ բերել իբրեւ կարեւորագոյն գրուած մը: Դարձեալ Թէորիանոսի ըսած էին, թէ ժողովոյն գումարումն ի յամառնայինն պատշաճէր ժամանակ (ԸՆԴ. 159), եւ ըստ այսմ գոնէ Մայիսին մէջ գումարման օր մը որոշած եւ ժողովականներ եկած պէտք էր ըլլային, քանի որ Ներսէս Օգոստոսին վախճանեցաւ, եւ դեռ ոչ եկողներու եւ ոչ հաւաքման նշաններ կային: Ներսէս մահուընէ ետքը ալ Մանուէլ ցաւակցական պատգամաւորութիւն յղած ատեն` հաւաքուած կամ հաւաքուելի ժողովի մը ակնարկութիւն չ՚ըներ, եւ նոյնինքն Ներսէսի յաջորդը կայսեր գրած նամակին մէջ` իր կողմէն ինն գլուխներու մասին դիտողութիւններ կ՚ընէ, եւ զանոնք ժողովին առաջարկած ըլլալու կամ առաջարկելու խօսքն իսկ չ՚ըներ: Արդ եթէ իրօք Թէորիանոսի մեկնելու ետքը, 1173 Յունուարին կամ Փետրուարին, Ներսէս ինքն ժողովոյ հրաման հանէր. այն ժողովը կամ Ներսէսի մահուընէ առաջ սկսած պիտի ըլլար, կամ Ներսէսի մահուան առթիւ հաւաքուած եպիսկոպոսներ պիտի գտնուէին, կամ արդէն հրաւիրուած ժողովը իր յաջորդը գումարած պիտի ըլլար մինչ այդ պարագաներէն եւ ոչ մէկը ճշմարտուած է, եւ նոյնիսկ ժողովի խօսքն ալ ընող չկայ: Ահա մեր դիտողութիւնները, որով կը համարձակինք ըսել, թէ Շնորհալին, միշտ խոհական եւ զգուշաւոր, ժողով գումարելու պատրաստութիւններ ցուցուց, բայց պաշտօնապէս չհրաւիրեց: Իր բոլոր ըրածն եղաւ Ստեփանոս վարդապետ մը ճամբայ հանել դէպ Հայաստան, եւ անոր ձեռքով եւ անպաշտօն կերպով տեղեկութիւն տալ եղած բանակցութեանց եւ առաջարկուած ինը գլուխներուն վրայ (ԸՆԴ. 323): Իսկ Լամբրոնացին որ միաբանատենջ տենդով բռնուած, ամէն բան լաւատես աչքով տեսած է, եւ սիրած է մտածմունքները իբր որոշում, եւ սկզբնաւորութիւնները իբր կատարուած գործ նկատել, կրցած է քիչ մը առջեւ երթալ իր տուած տեղեկութեանց մէջ: Արդէն եթէ լաւ դիտենք, Լամբրոնացին պաշտօնագիրներուն քաղուածները ըրած ատենն իսկ, այնպիսի պարագաներ կը յիշէ, որոնք բնագիրին մէջ չեն գտնուիր, եւ իր եռանդուն ու լաւատես երեւակայութեան արդիւնք պէտք է ճանչցուին:

986. ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ

Շնորհալին այդ պարագաները կշռած ատեն, մէկ կողմէն միաբանութեան անյագ տենչով մը դժուարութիւնները վերցնել կ՚աշխատէր, իսկ միւս կողմէն յունական առաջարկներու երեսէն գործին դժուարութեան, մանաւանդ թէ անհնարութեան մատնուած ըլլալը կը տեսնէր: Այս պատճառով իր մարմնոյն տկարութեանց վրայ` հոգեկան յուզումներ ալ կը բարդուէին, եւ չկրնալով այդ ծանրութեանց տոկալ, միեւնոյն 1173 տարւոյ Օգոստոսին մէջ, իր բազմաշխատ եւ բազմարդիւն կեանքը կը կնքէր սրբութեամբ: Լամբրոնացին իբր պատճառ կը ցուցնէ ճգնաւորական կրօնից պատճառած տկարութիւնը, աւելցնեով թէ անոր անձը յամենայն ժամ ճնշէր ցաւօք, որով կանխաւ ստացուած ախտերու ալ ակնարկել կ՚երեւի, քանի որ վրայ կը բերէ, թէ ամառնային եղանակն ալ ջերմային օդովքն դապացուցաներ զսուրբն (ԸՆԴ. 165): Ներսէս Կլայեցի, Շնորհալի հայրապետը վախճանած կ՚ըլլայ 73 տարեկան հասակին մէջ, իսկ օրը թէպէտեւ շատերէն ճշդիւ նշանակուած, սակայն իրարու անյարմար լինելուն եւ տոմարական պահանջից չհամապատասխանելուն, անըստուգութեան կը մատնէ օրուան ճշդութիւնը: Լամբրոնացին իբրեւ աւելի մօտէն գիտցող, 622 Օգոստոս 13 Հինգշաբթի օր կը դնէ (ԸՆԴ. 165), իսկ այլուր Օգոստոս 5 ըսուած է (ՅԱՅ. 87), մինչ Միխայէլ Ասորի, նոյնպէս ժամանակակից, 612 Օգոստոս 8 Հինգշաբթի օր կը նշանակէ (ՄԻԽ. 471): Միխայէլի տարեթիւն գրչութեան սխալ ենթադրելով եւ 622 կարդալով, ինչպէս կը դնէ եւ Սմբատ (ՍՄԲ. 102), եւ Անեցիին 623 ըսելն ալ (ՍԱՄ. 139) անոր մօտեցնելով, եւ ժամանակագրական եղելութեանց կարգը պահելով, 1173-ը պէտք է ընդունիլ իբր Շնորհալւոյն մահուան տարի, եւ ամիսն ալ Օգոստոս, կամ Աստուածածնի ամիս` Միխայէլի բացատրութեամբ (ՄԻԽ. 471): Օգոստոս կը դնէ նոր Յայսմաւուրքն ալ (ՅԱՍ. Բ. 75), թէպէտ հինը Յունիս 13-ին կը դնէ եւ տարին ալ 632 (ՅԱՅ. 612): Այդչափ տարբերութեանց մէջէն 1173 Օգոստոսը պինդ բռնած ատեննիս, կը մնայ հինգշաբթի օրուան յիշատակութիւնը, զոր համաձայնութեամբ կը կրկնեն երկու ժամանակակիցներ Լամբրոնացի եւ Միխայէլ, սակայն Օգոստոսի ոչ 13, ոչ 8, եւ ոչ 5 Հինգշաբթի չեն հանդիպիր: Յիշեալ 1173 տարւոյ Օգոստոսը Չորեքշաբթի կը սկսի, եւ Հինգշաբթի կը հանդիպին 9 եւ 16 օրերը, մինչ 5-ը Կիրակի է, 8-ը Չորեքշաբթի, եւ 13-ը Երկուշաբթի, թէպէտ զայն Հինգշաբթի հաշուողներ եղած ըլլան (ՀԱՅ. 375): Եթէ հայկական ամիսը ճշդիւ նշանակուած ըլլար, թերեւս համեմատութենէն օգտուէինք, զի հին Յայսմաւուրքին տեղ մը հրոտից 30 ըսելը (ՅԱՅ. 87) բնաւ լուծում չի տար, քանի որ կը պատասխանէ 1174 Յունուար 31-ին: Նոյնպէս ուղիղ չէ ուրիշ տեղ մարգաց 7-ին (ՅԱՅ. 612) դնելը, որ կը համեմատի 1173 Նոյեմբեր 9-ին, մինչ ինքը կը դնէ Յունիս 13-ին: Այս կողմէն ալ ստոյգ բան մը չգտնուելուն կը պարտաւորուինք կամ ամսաթիւը կամ եօթնեկի օրը փոփոխելով, կամ Օգոստոս 13 Երկուշաբթի ըսել, կամ Օգոստոս 16 Հինգշաբթի, որ կը պատասխանէ նոյն Շնորհալիէն ընդարձակուած Վերափոխման իննօրէքին միջին օրուան, եւ կը սիրէինք այդ վերջին ենթադրութիւնը նախադասել: Շնորհալիին թաղումը ամենայն շքեղութեամբ կատարուեցաւ Գրիգոր Ապիրատ եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ, ուր Լամբրոնացին ալ խօսեցաւ դրուատ պատմագրաբար ի յաստուածահրաւէր փոխումն նորին, իսկ մարմինը թաղուեցաւ Հռոմկլայի կաթողիկէին հովանւոյն ներքեւ, իր եղբօր Գրիգոր Պահլաւունի կաթողիկոսի գերեզմանին մօտ:

987. ԺՊԻՐՀԻՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

Շնորհալիին նկատմամբ ընդհանուր տեսութեանց չանցած, կը պարտաւորուինք ինչ ինչ տեղեկութիւններ աւելցնել իր գրական արդիւնաւորութեանց զանազան մասերուն վրայ, որոնք ժամանակագրական ճշդութիւն չունենալնուն, չկրցանք պատմութեան կարգին յառաջ բերել: Այն նամակներէն զատ, զորս պատմութեանս կարգին քաղեցինք, ունինք երեք համառօտ նամակներ անանուն ժպիրհի մը ուղղուած, իրաւցնէ յիմարութեամբ եւ հպարտութեամբ լրբեալ յանդուգն ժպիրհ մը (ԸՆԴ. 214), որ գրեալ էր առ նա բանս զկծանաց (ԸՆԴ. 211): Նա Ներսէսի մօտ ալ եկած է, նուէրներ ալ տուած է, եւ յիշելով թէ Ներսէս զինքն տուած է ի ձեռս հակառակաց (ԸՆԴ. 214), զայն իբրեւ կեղծաւոր կը մեղադրէ, մամոնայի եւ այլոց ծառայ կ՚անուանէ եւ կը յորդորէ որ իբր անարժան, ինքնին հրաժարի: Ներսէս ամենայն հեզութեամբ կը պատասխանէ, անոր անկարգութիւնները կը յանդիմանէ, եւ ինքզինքը քաշուելու, եւ իր նշխարեալ կենաց աւուրս ապաշխարելու պատրաստ կը ցուցնէ երբ ուրիշ մը իր տեղը դրուի, օրինակ բերելով Գրիգոր Աստուածաբանի եւ Յովհան Ոսկեբերանի աքսորական կեանքը (ԸՆԴ. 216): Այդ անանուն նամակները շատ յարմարութեամբ կրնան մեկնուիլ Յուսիկ անուն աբեղայի մը վրայ, որ Գէորգ աբեղայի մը եւ Կարապետ երէցի մը ընկերակցութեամբ քաղկեդոնիկ եղած եւ զանազան անկարգութեանց ձեռնամուխ եղած էր Եդեսիոյ կողմերը, եւ իբր 400 տուն ժողովուրդ մը իրեն հրապուրելով` Յուսիկեան խումբ մը կազմած էր: Ներսէս Յուսիկը կոչելէ եւ խրատելէ ետքը, տեսնելով որ անզեղջ է, Եդեսիոյ քաղաքի իշխանին գրած էր Յուսիկեանց ըմբոստութիւնը զսպել: Իսկ Յուսիկ սկսած էր Ներսէսի դէմ գրել եւ խօսիլ, կեղծաւորութեան եւ սիմոնականութեան զրպարտութիւններով, եւ Նուրէտտին սուլտանին պաշտպանութեամբ Եդեսիա դառնալով իրեն ընթացքը կը շարունակէր: Միխայէլ Ասորի պատրիարքը միջամտելով, Յուսիկը ուղղութեան բերած եւ Ներսէսի մօտ յղած էր ներում ստանալու, սակայն հասած ատեն Ներսէսը մեռած գտաւ, եւ Յուսիկն այն անօրէն գնաց յԱնտաք, այսինքն Անտիոք, եւ դարձեալ եղեւ քաղկեդոնիկ (ՄԻԽ. 471): Պարագաներուն նմանութեանը վրայ հիմնուելով գրեթէ ստոյգ կը նկատենք, եւ վստահութեամբ կը նոյնացնենք Շնորհալիին ժպիրհը սոյն այս Յուսիկ Եդեսացիին հետ:

988. ԶԱՆԱԶԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Ուրիշ շատ համառօտ նամակներ ալ կան Գէորգ վարդապետի մը ուղղուած (ԸՆԴ. 216-218), որուն շատ յարգանօք կը խօսի Ներսէս, անոր հակառակորդներուն մասին առ մերասեռն վեհ, թերեւս Մլեհ իշխանապետին, միջնորդած ըլլալը կը յիշէ, եւ իրեն մասին կարծեալ մթութիւնը մաքրեցաւ կ՚ըսէ, եւ զայն իրեն մօտ կը հրաւիրէ: Ամենայն հաւանութեամբ, նոյնինքն Հաղբատի առաջնորդ Գէորգ վարդապետն է Ներսէսի թղթակիցը, որուն առաջարկութեամբ սուրբ Սարգիսի վկայաբանութիւնը թարգմանեց: Հաղբատացւոց հետ յարաբերութեանց նշաններ են նաեւ, նոյն վանքէն Վարդան վարդապետի խնդիրքով Անյաղթին Բարձրացուցէք ճառին մեկնութիւնը գրելը, եւ ուրիշ Հաղբատացի վարդապետի մը առաջարկութեամբ Նիւսացիին Ամենայն չար ճառը մեկնելը (ՉԱՄ. Գ. 85): Այսպէս կը յայտնուի թէ Շնորհալին ներքին եւ մտերմական յարաբերութիւններ կը պահէր Արեւելեան վարդապետներուն հետ, եւ անոնք կը յարգէր եւ կը գնահատէր, ուսկից քաջալերուած կրցան անոնք ձայներնին բարձրացնել, երբ Շնորհալիին յաջորդներուն օրով միութենական ձգտումներուն աւելի զիջողական ձեւեր սկսան տրուիլ: Գեղեցիկ է եւս Շնորհալիին Եդեսացի ախտացեալներուն գրած նամակը (ԸՆԴ. 289-296), որ տարափոխիկ հիւանդութիւն մը տարածելուն պարագան կը մատնանշէ: Շնորհալիին վերագրեալ գրուածներ շատ են թուով ու տեսակով, ռամկականներէն մինչեւ փիլիսոփայական մեկնութիւններ, եւ քերթողական տաղերէն մինչեւ աստուածաբանական տեսութիւններ, զորս մի առ մի յիշել եւ կշռել մատենագրական ճիւղը մշակողներուն կը թողունք: Բայց պէտք է գոնէ յիշատակենք Մատթէոսի մեկնութիւնը, զոր հասուցած է մինչ Մի համարիք եթէ եկի լուծանել համարը (ՄԱՏ. Ե. 17), եւ չենք գիտեր թէ վասն ինչ պատճառի խափան եղեւ շարունակել(ԿԻՐ. 68): Հաւանաբար անիկա աշխատութիւն մըն էր` զոր իր առաջին տարիներուն մէջ սկսած էր, եւ պարտաւորուեցաւ թողուլ երբ եպիսկոպոսական եւ հայրապետական առօրեայ գործեր եւ գրութիւններ, այս տեսակ հանդարտութիւն պահանջող աշխատութեան արգելք եղան: Յիշած ենք թէ պէտք է այդ մեկնութիւնը յարաբերութեան մէջ նկատել Ներսէսի աշակերտակիցներէն Բարսեղ եւ Իգնատիոս Շնորհալիներու գրած` Մարկոսի եւ Ղուկասի մեկնութիւններուն հետ 917):

989. ՊԱՇՏԱՄԱՆՑ ՄԱՍԻՆ

Բայց Շնորհալիին անունին աւելի հռչակ տուող գրական աշխատութիւնները` ժամերգութեանց եւ եկեղեցական պաշտամանց համար գրածներն ու կարգադրութիւններն են: Ժամագիրքին մէջ ինչչափ երգեր կան ամէնն ալ Շնորհալիին գրածներ են. Շարականներուն մէջ ընդարձակ ցուցակ մը կը կազմեն իրեն վերագրուածները (ՏԱԹ. 637), թող մեղեդիները, տաղերը, գանձերը (ԿԻՐ. 68), որոնց ոչ միայն խօսքերն է գրած, այլ եւ եղանակները ներդաշնակած, հաւասարապէս հմուտ ըլլալով թէ' քերթողական եւ թէ' երաժշտական արուեստներուն: Անհնարին է որ նիւթական ձայնովն ալ երգեցողութեան յարմար եւ քաղցրանուագ եղած չըլլայ: Մեր տեսութեամբ Հայ եկեղեցիներու դպրաց դասերուն երկնային հովանաւորը` շատ աւելի յարմար էր որ սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած ըլլար, քան սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագը: Տօնացոյցի կարգադրութեանց մէջ ալ ինչ ինչ նորութիւններ Շնորհալիէն մուծուած են, ինչպէս Հոգեգալուստը եօթնօրէքի (ՏՕՆ. 144) եւ Վերափոխումը իննօրէքի վերածելը (ՏՕՆ. 204): Բայց պէտք է ընդունիլ որ Շնորհալիին կարգադրութիւնները` եկեղեցական պաշտամունքը երկարելու եւ ծանրաբեռնելու ծառայած են քան թեթեւցնելու: Իրոք ալ եթէ Շնորհալիի գրածները ուզենք ժամագիրքէն եւ շարականէն զեղչել, բաւական բան մը թեթեւցած կ՚ըլլար մեր ծիսական պաշտամունքներէն: Այս տեսութեամբ մեր օրերուն մարդիկը շատ հաշտ աչքով չեն նայիր Շնորհալիի կարգադրութեանց: Սակայն հարկ կը զգանք դիտել տալ, թէ Շնորհալիէ առաջուան պաշտամունքներն ալ թեթեւ չէին, վասնզի փոխանակ երգերու եւ շարականներու` անհատնում սաղմոսացութիւններ կային, որոնք այլեւս չկան: Չենք ուզեր պնդել թէ Շնորհալին պաշտօնապէս ջնջեց սաղմոսերգութիւնները, վասնզի ժամերգութեանց պատշաճները, բարեկարգելու համար Թեղենեաց եւ Մաքենեաց վանքերու կանոնները բերել տուաւ: Խրատ ժամատեղեաց մը կազմեց, թերին լրացուց եւ աղաւաղը ուղղեց, եւ ըստ այնմ հրամայեց ամէն եկեղեցիներու մէջ կատարել, իսկ յիշեալ վանքերը կատարելապէս աղօթասաց եւ հսկող անապատներ էին: Միայն թէ Շնորհալիին աւելցուցած երգերն ու շարականները դուռ բացին սաղմոսները զանց ընելու, եւ անոնց տեղ երգերը փոխանակելու, որով տեսակ մը փոխանակութիւն յառաջ եկաւ, եւ ոչ իսկապէս յաւելում ու բարդութիւն: Հնար է ենթադրել, առանց պատմական ստուգութեանց դէմ գացած ըլլալու, որ Շնորհալին ոչ իր ամէն գրածները պարտաւորիչ հռչակեց, այլ հանդիսութեանց շքեղութեան համար պատրաստուած յաւելումները, նմանողութեան նախանձայուզութեամբ եւ ժամանակաց հոլովմամբ պարտաւորիչ դարձան Շնորհալիին կամքէն եւ հրամանէն անկախաբար: Յայտնի կ՚երեւի թէ բնական միտումով ու փափաքով ալ եկեղեցական պաշտամանց շքեղութեան սիրահար անձ մը եղած է նա, բայց ամէն առթի մէջ եկեղեցական պաշտամանց իսկական բարեկարգիչ մըն է, ինչպէս եղած էին անցեալ դարերու մէջ Սահակ Պարթեւ, Յովհաննէս Մանդակունի եւ Յովհաննէս Օձնեցի հայրապետները:

990. ՕՏԱՐԱՄՈՒՏ ԾԷՍԵՐ

Շատեր կ՚ուզեն Շնորհալիին վերագրել Հայ եկեղեցւոյ արարողութեանց մէջ մուծուած ինչ ինչ փոփոխութիւնները, որոնք Կիլիկեցւոց դարէն սկիզբ առին, եւ Լատին եկեղեցւոյ նմանողութիւն են եղած: Այսպէս են Լատիններուն եպիսկոպոսական թագին կամ խոյրին եւ կորագլուխ գաւազանին կիրառութեան ընդունուիլը, օձագլուխ գաւազանին` վարդապետներուն, եւ բոլորչի սաղաւարտին` քահանաներուն անցնիլը, պատարագին ժամամուտէն առաջ աւելցած մասին զանազան կտորները, քահանայական աստիճաններուն չորսէն եօթնի վերածուիլը, եւ ընդհանրապէս յունական դրութենէն հեռանալով դէպի լատինական դրութիւն մօտենալը: Հայոց եկեղեցւոյն նախապէս քահանայական չորս աստիճաններ միայն ընդունած լինելը, այսինքն ընթերցող, դպիր, սարկաւագ եւ քահանայ, մինչեւ հիմա պահուած արարողութիւններէն ալ յայտնի է, քանի որ այս չորսէն դուրս աստիճաններուն համար ոչ յատուկ զգեստ կայ եւ ոչ յատուկ պաշտօն: Լատինական դրութեամբ ընդունուած եօթն աստիճաններն են, դռնապան, ընթերցող, երդմնեցուցիչ, ջահընկալ, կիսասարկաւագ, սարկաւագ եւ քահանայ, բայց յատուկ գործեր եւ տեղեր չունին Հայ ծէսին մէջ, եւ հազիւ թէ կը յիշուին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ներկաներուն մէջ: Ըստ այսմ աստիճաններուն չորսէն եօթնի վերածուիլը պատահական փոփոխութիւն մնացած է, եւ ծիսակատարութեանց ներքինին չէ թափանցած: Այդ եւ միւս փոփոխութիւններուն Շնորհալիին վերագրելը` մենք բոլորովին անհիմն կը գտնենք: Շնորհալիին գրուածներուն մէջ, որ այնչափ առատ են, երբեք այսպիսի ակնարկ մը չկայ: Լամբրոնացին որ Շնորհալիէն ետքը ծաղկեցաւ, եւ Դասուց աստիճանաց վրայ յատկապէս գրեց (ԼԱՄ. 80-92), եօթն աստիճանները կ՚անգիտանայ տակաւին, եւ միայն չորս աստիճանները կը յիշէ (ԼԱՄ. 84): Աւելցնենք որ Շնորհալին բոլոր իր հայրապետութեան ժամանակ Լատիններու հետ եւ Հռոմի հայրապետներուն հետ բնաւ յարաբերութիւն չունեցաւ, անոնցմէ առաջարկ կամ թելադրութիւն չստացաւ, որ լատինական ձեւ մը կարգադրէր: Ընդհակառակն միայն ու միայն Յոյներու հետ բանակցեցաւ, եւ չէր կրնար անոնցմէ աւելի հեռանալու ձեւեր ստեղծել: Վերջապէս այժմ գործածական դարձած ձեռնադրութեան մաշտոցը, որ յայտնապէս լատինական հետքեր կը պարունակէ, Ներսէսի ընտիր գրիչէն ելած ըլլալու նշաններ չունի: Հետեւաբար կրնանք վստահօրէն ըսել, թէ Շնորհալին հայկական պաշտամունքը ընդարձակեց իր բնիկ ձեւին եւ հին կազմութեան համեմատ, եւ ոչ մի օտար բան անոր վրայ չբարդեց, կամ օտար ուղղութեամբ չայլայլեց: Իսկ ինչ որ Կիլիկեան շրջանէն մուծուած նորութիւններ են 941), Շնորհալիէն ետքի ժամանակներուն պէտք է պատշաճեցնել, երբ Լատիններու հետ յարաբերութիւններ աւելի ընդարձակ եւ աւելի զիջողական կերպարան ստացան:

991. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ

Առիթ ունեցանք տեղտեղ անցողակի ակնարկներով ճշդել Շնորհալիին տեսակէտը իր միութենական ձգտումներուն մէջ 970), բայց պէտք կը զգանք անգամ մըն ալ անդրադառնալ սոյն կէտին վրայ, որ մեծ նշանակութիւն ունի Շնորհալիին նկարագիրին համար, եւ մեծ կարեւորութիւն ունի ապագայ եղելութեանց մէջ: Ներսէս առաջին քայլն ընողն է միութեան ճամբուն մէջ, եւ առաջին դուռը բացողը Մամեստիոյ այցելութեան առթիւ 951): Թէպէտ Ալեքս դուքսն ալ առիթ ընծայեց այդ բանակցութեանց, սակայն նոյնիսկ Ներսէսի Մամեստիա հանդիպիլը, դիտումնաւոր գործ մը կրնայ նկատուիլ: Ներսէս անկեղծ եւ ճշմարիտ եւ բոլորանուէր փափաքող մըն էր, որ Քրիստոսի եկեղեցին պառակտող բաժանումը վերցուէր, եւ իրարու դէմ մրցող չորս ճիւղերը, Հայն ու ասորին, Յոյնն ու Լատինը, դադարէին իրարու դէմ պայքարելէ եւ զիրար նախատելէ, եւ Քրիստոսի եկեղեցին փայլեցնէր աւետարանական սէրը եւ եկեղեցական միութիւնը: Սակայն երբեք միտքէն չանցուց, որ եկեղեցիներէն որեւէ մէկը, իրը կամ ուրիշը, միւսները ընկլուզող եւ ջնջող եւ անոնք իրեն վերածող ձեւ մը առնէ: Փափաքեցաւ որ եկեղեցիներ իրարու համաձայնին էական եւ դաւանական կէտերու մէջ, միտքի եւ ուղղութեան համաձայնութեամբ, բանաձեւերն ու բացատրութիւնները ազատ թողլով իւրաքանչիւրին, միայն թէ քրիստոնէութեան հիմը կազմող, Երրորդութեան ու Մարդեղութեան ու Փրկագործութեան խորհուրդները իրենց իսկութիւնը չկորսնցնեն: Բոլոր ծիսական կէտերը, խմորուն կամ անխմոր հացը, անապակ կամ ջրախառն բաժակը, Դեկտեմբեր 25-ը կամ Յունուար 6-ը, ձիթենին կամ շուշմայի ձէթը, պատկերներ օրհնելը կամ օծելը եկեղեցիին մէջ կամ դուրսը աղօթելը, խաչերուն բեւեռ զարնելը կամ չզարնելը, եւ ուրիշ այս տեսակ տարբերութիւններ, Շնորհալիին միտքով, ոչ միութիւնը խանգարող էին, եւ ոչ միութեան համար անհրաժեշտ էին: Նա իր միտքին մէջ կրնար ընդունիլ, որ միութեան սիրոյն այս կամ այն կողմը զիջողութիւններ ալ ընէ, որպէսզի միւս կողմը շահի եւ հաճեցնէ, բայց այդ կէտին մէջ ալ զիջողութիւնները փոխադարձ կը պահանջէր, եւ երբեք չէր ընդուներ, որ զիջողութիւնը իբր մոլորութենէ դարձ նկատուէր: Նմանապէս չէր հանդուրժէր որ մէկ եկեղեցին միւսին վրայ գերիշխանութիւն պահանջէր կամ ունենար, այլ ամէնքը միեւնոյն Երկնաւոր Գլուխին հետ միացած անդամներ նկատուէին: Հոգ չէր որ իւրաքանչիւրը իրեն կարեւորութեան եւ աւանդական դիրքին համար` ազդեցութեան տարբեր աստիճաններ ունենար, միայն թէ տիրապետութեան ձեւին չփոխարկուէր: Քայլ մը եւս առջեւ անցնելով կրնանք ընդունիլ, որ Շնորհալին իր միութենական ձգտումներուն մէջ քրիստոնէական եւ աւետարանական սկզբունքներուն հետ` ազգասիրական եւ քաղաքագիտական զգացումներ ալ ունէր, եւ իր տառապեալ եւ վարատական Հայ ազգին համար իսկական օգնութիւն եւ զօրութիւն մը կը փնտռէր, քրիստոնեաներու համերաշխ միութեան մէջ: Բայց միթէ կը մեղանչէ՞ր, երբոր շնորհիւ քրիստոնէական միութեան, աշխարհիս մէջ ալ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն եւ ապահովութիւն կը փափաքէր հայթայթել իր վշտակիր հօտին: Ահա հայադաւան եկեղեցւոյ ճշգրիտ տեսակէտը, որուն նշանաւոր ներկայացուցիչն է Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, որ գովելի նախանձայուզութեամբ նախաձեռնարկ եղաւ աստուածահաճոյ գործի մը, եւ որուն հետեւեցան իր անմիջական եւ հեռաւոր յաջորդները: Այլ դժբախտաբար ոչ ամէնքը կրցան` նժարը հանգիտակշիռ կէտին վրայ պահել իրեն պէս, այլ բուռն տենչէ մղուելով, եւ կամ օտարներուն հրապոյրներէն խաբուելով, հաւանեցան պահանջէն անդին ալ անցնիլ եւ զիջողութիւնը համակերպութեան հետ շփոթել:

992. ՅԻՇԱՏԱԿՆ ՈՒ ՏՕՆԸ

Ներսէս Շնորհալի այն սակաւաթիւ երանելիներէն մէկն է, որոնք այժմ տօնելի են Հայ եկեղեցւոյ մէջ, եւ հինգերորդ դարուն մէջ փակուած տօնացոյցին վրայ աւելցած են: Հաւատոյ համար նահատակուած մարտիրոսները մէկ կողմ թողլով, որոնք յատուկ դասակարգ մը կը կազմեն, եւ որոնց տօնելի ըլլալը աւելի դիւրըմբռնելի է, մինչեւ հիմա յիշուածներէն Օձնեցին ու Նարեկացին ու Կլայեցին միայն ունինք տօնացոյցի անցած: Օձնեցիին 576) եւ Նարեկացիին 813) վրայ խօսած ենք իրենց տեղերը, իսկ Կլայեցիին յիշատակին տօնական դարձած լինելուն վրայ գիտցածնիս այն է, թէ ԺԴ. դարուն սկիզբները, այսինքն անոր մահուընէ իբր 130 տարի ետք, Կիլիկիոյ մէջ Ստեփանոս Գոյներիցանցէ գրուած տօնացոյց մը, զոր կրցած ենք տեսնել, Ներսէսի Կլայեցւոյ տօնը չունի(ԳՈՅ. ) եւ Թարգմանչաց տօնին այժմ յիշուածներէն (ՏՕՆ. 239) միայն Մեսրոպն ու Եղիշէն կը նշանակէ, իսկ Մովսէս Քերթող, Դաւիթ Անյաղթ, Գրիգոր Նարեկացի եւ Ներսէս Կլայեցի չեն յիշուած, ինչ որ կը ցուցնէ թէ Ներսէսի` մահուան թուականէն սուրբերու կարգ անցած լինելու խօսքը հաստատուն հիմ չունի: Եւս առաւել չի կրնար հաստատուիլ, որ Մանուէլ կայսր հրամայած ըլլայ, Ներսէսի անունը յիշատակել ընդ առաջին սուրբսն տօնախմբութեամբ Յունական եկեղեցւոյն մէջ (ԸՆԴ. 166), վասնզի ասանկ սովորութեան կամ աւանդութեան մը գոյութիւնը ուրիշ կողմէ չի հաստատուիր: Այլ թէ երբ սկսաւ տօնուիլ, պէտք էր գրչագիրներու ժամանակագրական ուսումնասիրութիւն մը ընել, եւ մենք ձեռուըներնուս ներքեւ չունինք առ այս պէտք եղած ատաղձը: Ճշմարտանման է կարծել, թէ սկիզբէն իբրեւ լոկ տարեդարձի համար կատարուած պաշտօններ, ժամանակ անցնելով տօնի փոխարկուած են: Նկատողութեան արժանի կը սեպենք դիտել տալ, թէ Վկայասէրին կամ Պահլաւունիին չտրուած պատիւի մը` Շնորհալիին տրուած ըլլալը, պէտք է յառաջ եկած ըլլայ գլխաւորապէս եկեղեցական պաշտամանց եւ ծիսակատարութեանց մասին ունեցած արդիւնաւորութենէն, որ զինքն կը մատնանշեն իբր հոգեսէր եւ աղօթասէր, եւ կատարելապէս կրօնաւորական կեանքին նուիրեալ անձ մը: Իր բարեպաշտական իղձերուն ճշգրիտ պատկերը կը կարդանք Հաւատով խոստովանիմ ` անզուգական աղօթքին մէջ, որ ճշմարիտ ուղղամիտ հաւատացեալի զգացմանց իսկատիպ նկարագիրն է, եւ շատ խորհրդաւոր գործ մը կատարած են անոնք, որ 36 լեզուներու թարգմանելով բոլոր քրիստոնեայ աշխարհքին ծանօթացուցին այդ սքանչելի աղօթքը: Մենք չպիտի վարանինք հռչակել Շնորհալին` իբր Հայ եկեղեցւոյ անկեղծ ախոյեան եւ հայադաւան դրութեան ճշմարիտ ներկայացուցիչ, որ աւելի ճշդութեամբ գիտցած է գծել եւ ճշդել մեր ազգային եկեղեցւոյն ուղղութիւնը: Ներսէս Շնորհալի յունադաւանութեան յանձնառու եղած չէ, հռոմէադաւանութիւնը միտքէն իսկ անցուցած չէ, եւ հայադաւանութիւնը բոլորով սրտիւ պաշտպանած է, ինչպէս յառաջ բերուած քաղուածներէն տեսնուեցաւ: Միակ տարբերութիւնը զոր կրնանք դնել Շնորհալիին պարզաբանած դրութեան` եւ իրմէ առաջուաններէն ոմանց ընդունած դրութեան մէջ, Քաղկեդոնիկներու եւ Երկաբնակներու դէմ նզովքէ զգուշանալն է, եւ յունադաւաններուն հանդէպ իբր զիջողութիւն ընդունիլը, թէ երկու բնութիւն դաւանելով նեստորական դրութենէ տարբեր միտք կարենան ունենալ, փոխադարձաբար պահանջելով որ Յոյներն ալ ընդունին, թէ Հայեր մի բնութիւն դաւանելով եւտիքական դրութենէ տարբեր միտք ունեցած են: Այդ պայմաններու ներքեւ երբեք Շնորհալին յունադաւան քաղկեդոնիկ մը չ՚ըլլար, եւս առաւել հռոմէադաւան երկաբնակ մը չ՚ըլլար, որ Հռոմի հետ որեւէ ամենափոքր մերձաւորութիւն կամ յարաբերութիւն իսկ ունեցած չէ: Զարմանալի է որ Հռոմէադաւաններ` զուտ ու թունդ հայադաւանի մը յիշատակը իրենց սուրբերուն կարգը դասելու յանձնառու եղած ըլլան: Հռոմի կամ Պետրոսի նկատմամբ քերթողական գովեստներ, կամ հռետորական դարձուածներ, ոչ դաւանւթիւն կը կազմեն, ոչ հռոմէական դրութիւն կ՚արձագանգեն եւ ոչ հռոմէադաւաններու ընթացքը կ՚արդարացնեն, որոնք իրենց հիմնական փաստ մը չունին, եւ ըրածնին պէտք է նկատուի` իբրեւ քմահաճ սովորութեան մը արդիւնքը: