Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Դ. ՏՂԱՅ

993. ՅԱՋՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ

Շնորհալին մեռած ատեն պատուիրեաց նստուցանել յաթոռն զտէր Գրիգորիս մականուն Տղայ (ՍՄԲ. 102), բայց Գրիգոր Տղայ, որ Ներսէսի աւագ եղբօրորդին էր, այդ միջոցին Հռոմկլայէ հեռու էր, եւ չէր մերձ մահու հօրեղբօրն (ՄԻԽ. 472), այլ հայրապետական յանձնարարութիւններով Կիլիկիա կը գտնուէր, եւ ինչպէս կը կարծենք, Մլեհի եւ Հեթումի մէջ եղած գժտութիւնները եւ պատերազմները դադրեցնելու կ՚աշխատէր: Անյարմար չէ ճիշդ այդ միջոցին պատշաճեցնել Լամբրոնի պաշարումն ալ, զոր վերեւ պատմեցինք 982): Միխայէլ կը կարծէ թէ Գրիգոր Տղայի բացակայութիւնը համարձակութիւն տուած ըլլայ Գրիգոր Ապիրատի կաթողիկոսական մատանիին տիրանալ եւ կաթողիկոս հռչակուիլ եւ Գրիգոր Տղան մերժել եւ անոր Հռոմկլայ մտնելը արգիլել, որով սա դիմած կ՚ըլլայ առ փեսային իւր, առ պարոն Մլեհ, իսկ Մլեհ Հալէպի սուլտան Նուրէտտինի օգնութեամբ Ապիրատը հեռացուցուած եւ Տղան հաստատած ըլլայ կաթողիկոսական աթոռին վրայ (ՄԻԽ. 472): Միխայէլ անձնական տեղեկութիւն ալ կը յաւելու այդ գործին մասին պատմելով, թէ որչափ ալ ինքն ուրախ եղած ու խնդացած է Գրիգոր Տղայի կաթողիկոսանալուն համար, զի այր գովելի եւ գիտնական էր, բայց մեղադրած է զայն, որովհետեւ յորժամ անուանեալ էր հայրապետ մի` պարտ էր մնալ նոյնն: Միանգամայն խրատած է Տղան որ երեւելի եւ հռչակաւոր, եւ ամենեւին անխոտան եւ պարկեշտ Հայ ազգին վրայէն վերցնէ զկեղտ անուն արծաթսիրութեան, որուն մէջ ուրիշ մեղաւոր չկայ եղեր այդ մասին, բայց ի միոյդ, իբր թէ Գրիգոր Տղայէն զատ արծաթասէր Հայ եղած չըլլայ, եւ սա ալ յանձն առած ըլլայ խրատը: Միխայէլ կը պատմէ եւս որ ինքն Ապիրատին համար միջնորդած ըլլայ, զի Տղան պատուով կալցէ զնա ի տեղւոջ ուրեք, եւ թէ այս կերպով Ապիրատը Լամբրոնի արքեպիսկոպոս նշանակուած ըլլայ (ՄԻԽ. 473):

994. ՏՂԱՅԻ ՅԱՋՈՐԴԵԼԸ

Որչափ ալ Միխայէլ շատ հանգամանօրէն կը պատմէ այդ եղելութիւնը, եւ իրեն մասնակցութիւնն ալ մէջը կը խառնէ, այսուհանդերձ մենք պիտի չկարենանք կատարեալ ստուգութիւն տալ այդ եղելութեանց, եւ Միխայէլը անհիմն զրոյցներու արձագանգ եղած պիտի ըսենք: Եթէ եղածները տառական ճշդութեամբ ընդունինք, շատ նշանաւոր եւ աղմկալից պարագայից հանդէպ գտնուած պիտի ըլլայինք. Ապիրատի կաթողիկոս հռչակուիլը եւ օծուիլը, Տղային Հռոմկլայէ մերժուիլը, Մլեհի պատերազմի ելլելը, Նուրէտտին սուլտանին միջամտելը, Ապիրատի գահընկէցութիւնը, գահընկէց կաթողիկոսի կերպարանով մնալը եւ Տղային անմիջական յաջորդ նշանակուիլը, մինչ իրօք անմիջական յաջորդն ալ չեղաւ: Ազգային պատմագիրներէն ոչ մէկը, բնաւ ակնարկ իսկ չունի այդպիսի եղելութեան վրայ, եւ Լամբրոնացի (ԸՆԴ. 166), Վահրամ (ՎԱՀ. 218) ու Սմբատ (ՍՄԲ. 102), որ հաւասարպէս ժամանակակիցներ են, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, Գրիգոր Տղան խաղաղութեամբ եւ առանց երբեք ընդդիմութեան Շնորհալիին յաջորդած գիտեն: Ապիրատը` որ շարունակ գործելու մէջ գտնուեցաւ, եւ որուն վերջէն կաթողիկոսանալը խնդիրներու ալ առիթ տուաւ, երբեք կաթողիկոս եղածի, յաջորդութենէ մերժուածի ու նշանակուածի պէս չի ներկայացուիր, եւ անմիջապէս Տղային յաջորդելու իրաւունք ունեցողի կերպարանը չունի: Այս պատմական եղելութիւնները հիմնովին կը հերքեն Միխայէլի յառաջ բերած պատմութիւնը: Վարդան կը յիշէ իրաւ, թէ Գրիգոր Տղայ առնու զքօղն ձեռնադրութեամբ Նորադնին, եւ թէ Գրիգոր Ապիրատ չոքաւ ի Լամբրոնն (ՎԱՐ. 129), սակայն բնաւ Ապիրատի կաթողիկոսացած եւ յետոյ մերժուած ըլլալուն մասին ակնարկ մը չունի, ինչ որ երբեք լռութեամբ անցնելու պարագայ մը չէր: Իսկ Նուրէտտինի ձեռնտուութիւնը ամէն առիթի մէջ կարեւոր պայման մըն էր, քանի որ կաթողիկոսը Հռոմկլայի իշխան կը նկատուէր, եւ այդ իշխանութիւնն ալ Հալէպի սուլտաններուն հովանաւորութեան ներքեւ էր: Մեր տեսութեամբ եղածը առժամեայ տեղակալութեան մը պէտք է վերածել: Շնորհալիի մահուան ատեն Գրիգոր Տղան բացակայ ըլլալուն, Գրիգոր Ապիրատ կնիքին եւ հայրապետանոցին տէր դարձած եւ պաշտօնական գործերը ստանձնած պէտք է ըլլայ, առանց կաթողիկոս հռչակուելու կամ օծուելու: Գուցէ երկու հօրեղբօրորդի Գրիգորներու համար կողմնակցութիւններ ալ տեղի ունեցած ըլլան, բայց Ներսէսի կտակին հետ Մլեհին ալ ազդեցութիւնը որոշիչ դարձած պիտի ըլլան Վասիլեան Գրիգորը Շահանեան Գրիգորի նախադասելու, քանի որ ինքն Մլեհ ալ Վասիլի փեսայ եւ Գրիգոր Տղայի քեռայրն էր: Ասկէ աւելի բան մը չ՚ընդունիր պատմական պարագաներուն ուսումնասիրութիւնը, եւ Միխայէլ Ասորի այլընդայլոյ զրոյցները իբր եղելութիւն պատմող պիտի նկատուի:

995. ԱՆՈՒՆՆ ՈՒ ՏԱՐԻՔԸ

Մինչեւ որ Գիրգոր Տղայ Հռոմկլայ դառնար ու Մլեհ հասնէր, ընտրական գործողութիւնք լրանային ու նորընտիրը օծուէր, միջոց մը պէտք է անցած ըլլայ, եւ հազիւ 1173 տարւոյ վերջերը կրնայ նա պաշտօնին գլուխը անցած ըլլալ: Կաթողիկոսական ձեռնադրութեան ներկայ եղած են Հռոմկլայի շրջանակներուն եպիսկոպոսներ, եւ անոնց մէջ երկու ալ Ասորի, Գրիգորիոս Քէսունի եւ Վասիլիա Ռապանի եպիսկոպոսները: Այդ առթիւ Հայոց եւ Ասորւոց աթոռներու մէջ եղած հին սահման կամ սովորութիւնն ալ կը վերանորոգուի, ու նոր աթոռ բարձրացող հայրապետը իրեն դաւանութիւնը միւսին կը ղրկէ երկու եպիսկոպոսներու պատգամաւորութեամբ (ՄԻԽ. 472): Այդ սովորութիւնը հնաւանդ էր առջի դարերուն մէջ բոլոր հայրապետական աթոռներու մէջ, որով կը պահէին իրարու մէջ եղած հոգեւոր հաղորդակցութիւնը: Գրիգոր Դ. կաթողիկոսի տրուած Տղայ մականունը, կարծել տուաւ թէ շատ մանկահասակ աթոռ բարձրացած ըլլայ, նոյնիսկ աւելի երիտասարդ քան Գրիգոր Գ. Պահլաւունին 927): Սակայն հնար չէ այդ բացատրութիւնը ընդունիլ, գիտնալով որ արդէն 1138-ին, իր հօրը գերութեան ատեն 944), նորահաս պատանի մըն էր, եւ իր հօրեղբայրներուն հսկողութեան ներքեւ Հռոմկլայի հայրապետանոցը կը փոխադրուէր, եւ անդ կը մեծնար իբրեւ կաթողիկոսին տղան 945): Ուստի այս պարագայէն միայն ստացած կ՚ըլլայ նա Տղայ մակդիր անունը, ապա թէ ոչ յիշեալ պատահարէն 25 տարի ետքը աթոռ բարձրացած ըլլալով, մերձաւորաբար, եթէ ոչ աւելի, քառասուն տարեկան աթոռ բարձրացած պիտի ըսուի: Գրիգոր Դ. որ Տղայն մակակոչեալ էր, նաեւ յաղթանդամ էր հաստատեալ (ՎԱՀ. 218), որ է բարձրահասակ եւ անձնեայ կերպարան, պարագայ մը որ գրեթէ բոլոր Պահլաւունի կաթողիկոսներու համար կը յիշուի, եւ Մագիստրոսի սերունդին, եւ յատկապէս Ծովքեցւոց ճիւղին, բարձր հասակ եւ փառաւոր կերպարան ունեցած ըլլալուն հաստատութիւն կու տայ:

996. ՄԱՆՈՒԷԼԻ ԴԻՄՈՒՄԸ

Միութենական խնդիրը խիստ կարեւոր եւ հետաքրքրական կէտի վրայ կը գտնուէր` երբ Շնորհալին կը վախճանէր: Անդին Մանուէլ իր հռչակաւոր ինը առաջարկութիւններուն մասին` Հայերուն վճռական պատասխանին կը սպասէր միամիտ վստահութեամբ, ասդին Հայեր չէին ուզեր միութենէ սպասուած յոյսերը խանգարել, բայց առաջարկներուն ծանրութեան առջեւ կը տատամսէին, եւ Արեւելեաններուն մօտ պատգամաւոր ղրկուած Ստեփանոս եպիսկոպոսի դարձին կը սպասէին, որ անոնց տրամադրութեան վրայ ապահովուին: Մանուէլ երբ Ներսէսի մեռնիլը կը լսէ, խորապէս կը վշտանայ, վասնզի կը կարծէր թէ Ներսէս իրեն համամիտ էր, եւ ինքնիրեն կը հառաչէր, Զի արդ զիմս փափաք անկատար թողեալ ժամանեցեր առ Քրիստոս (ԸՆԴ. 165): Բայց որպէսզի գործը չարգելուի, անմիջապէս երրորդ անգամ ըլլալով ճամբայ կը հանէր Թէորիանոս մագիստրոսը, որպէս զի Ներսէսի յաջորդը շնորհաւորէ, բայց աւելի որպէսզի զայն քաջալերէ եւ յորդորէ, օժանդակէ եւ խրատէ, որ սկսեալն ի նախնոյն եւ յերանելի հօրէն քո` ի ձեռն քո կատարեսցի (ԸՆԴ. 166): Թէորիանոս չկրցաւ իր ճամբան շարունակել, սաստիկ պատերազմ կար Յունաց կայսրութեան եւ Իկոնիոնի սուլտանութեան մէջ, որ Ռում կամ Յունական կը կոչուէր, յունական երկիրներու մէջ հաստատուած ըլլալուն համար: Կայսրութեան պաշտօնական անձերուն վտանգաւոր էր սուլտանութեան երկիրներէն անցնիլ, Թէորիանոսի ալ հնար չեղաւ Հռոմկլայ հասնիլ, քանի որ ցամաքի ճամբով ուղեւորած էր: Ուստի ստիպուեցաւ անձամբ երթալու գաղափարէն հրաժարիլ, սոսկական բայց հաւատարիմ սուրհանդակ մը ճարեց` կայսերական նամակը Հռոմկլայ նոր կաթողիկոսին հասցնելու, եւ ինքն ստիպուած ետ դարձաւ Բիւզանդիոն, ուր սակայն կայսրը չգտաւ, վասնզի նա մեկնած էր Այլազգիներուն դէմ պատերազմի երթալու համար:

997. ԳՐԻԳՈՐԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Գրիգոր Տղայ կայսերական նամակին վրայ ուրախ եղեւ յոյժ (ԸՆԴ. 166): Ինքն ալ իր նախորդին նման անկեղծ փափաքող մըն էր միութեան, եւ մխիթարական պէտք էր ըլլար, որ կայսրը իրեն ալ կը ցուցնէր այն յարգանքն ու վստահութիւնը, զոր իր պատուական հօրեղբօրը ցուցուցած էր: Թէորիանոսի վիճաբանութեանց համեմատ, սրբակրօն եպիսկոպոսն Գրիգոր, ազգական ամենասուրբ կաթողիկոսին Ներսէսի, իբր թէ սաստիկ ձայնիւ աղաղակեաց այն ատեն եւ ասաց. Ես ի Հռոմայեցւոց կողմանէ եմ. որ ոք ոչ ասէ ի Քրիստոս զերկու բնութիւն, նզովեալ լիցի, (ԿԱԼ. 261), եւ դարձեալ. Ես ի Հռոմէացւոց կողմանէ եմ եւ միաբանիմ նոցա (ԿԱԼ. 263): Թէորիանոս չ՚որոշեր թէ Ներսէսի երկու եղբօրորդի Գրիգորներէն ո՞րն է այս խօսքերը ըսողը, եւ թէպէտ Տղային պատշաճեցնողներ կան, բայց մենք չենք կարծեր, որ անիկա իր հօրեղբայրն ալ կանխելով, համարձակած ըլլայ ի նպաստ երկու բնութիւն բանաձեւին կարծիք տալ: Հետեւապէս չի կրնար ալ ըսուիլ, ինչպէս ոմանք համարձակեցան, թէ Գրիգոր Տղայ կանխաւ քաղկեդոնականութեան համոզուած ըլլայ: Միութեան ընդհանուր առմամբ նպաստաւոր, իսկ միութեան համար առաջարկուած պայմաններուն բոլորովին հակառակ եղած էր Գրիգոր, եւ այնպէս ալ կը մնար: Այդ միջոցին Ստեփանոս եպիսկոպոս ալ Արեւելքէն դարձաւ, եւ անոր բերած տեղեկութեանց վրայ աւելի համարձակութիւն ստացաւ իր ուղղութեան վրայ, ըսելով թէ անոնք ալ գրով եւ բանիւ համաձայն են հաւանիլ մերովն (ԸՆԴ. 323), այսինքն Հայ եկեղեցւոյ դրութեամբ միութեան ձեռնարկը մշակել, իսկ առաջարկեալ պայմանները մերժել: Իսկոյն փութաց Գրիգոր նոյն իմաստով պատասխանել Մանուէլէ եկած նամակին (ԸՆԴ. 166-168), թէ իր կողմէն, եւ թէ յանուն ժողովոյ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ. ժողով բառը ոչ իբրեւ գումարումն, այլ իբրեւ լրումն եկեղեցւոյ իմանալով: Նախ կը յայտարարէ թէ ինքն իր նախորդին բանիցն աշակերտ է, եւ փափաքող առ ի զշինուածսն աւարտել, սակայն եկած առաջարկներուն բովանդակութիւնը` իրենցմէ զոմանս յետս նահանջէ ի խաղաղութենէս, ուստի կը խնդրէ թեթեւացուցանել ի նախակարգեալ գլխոցն, եւ բաղձանք մեծ կը յայտնէ առընթեր լինել աստուածասէր արքային ապագայ բանակցութեանց, քանի որ արդէն ելեալ է ի հանդէս պատերազմի ընդդէմ անօրինաց, եւ կ՚աղօթէ զյաղթութեան կատարումն, որ փառաւոր կերպով Հռոմկլայ ալ գայ, եւ միութեան գործը լրացնէ: Իր նամակը կը յանձնէ Կոստանդին անուն յոյն քահանայի մը, որ առ ոտս սրբոց հարցն անեալ է Հռոմկլայի մէջ, եւ ամենայնին հասու է` որ առ ի սուրբ աթոռն խորհրդոց եւ նոյնինքն նամակագիր կաթողիկոսը դաստիարակեալ է, որով կրնայ կարողապէս յայտնել լեզուաւ` զճշմարտութիւն գրեցելոցն: Այդ առթիւ կը խնդրէ որ նոյն Կոստանդինը Միջագետաց Հերապոլիսի, այժմեան Միմպէծի, արքեպիսկոպոս կամ մետրապոլիտ ձեռնադրուի Անտիոքի պատրիարքին կողմէն, որ էր Կիւրեղ, եւ Անտիոքի Լատիններէն գրաւուելուն պատճառով, աթոռէն վտարուած Կոստանդնուպոլիս կը գտնուէր: Այս եղելութեանց թուականը պէտք է նշանակենք 1174 տարին: Կոստանդին Հերապոլսեցի, Մանուէլի հանդիպեցաւ Փոքր Ասիոյ մէջ պատերազմին ատեն, ուր նա չկարենալով այդ տեսակ խնդիրներով զբաղիլ, առաքեաց զնա ի քաղաքն թագաւորական, այնտեղ իրեն սպասել մինչեւ ի դարձն իւր ի պատերազմէն (ԸՆԴ. 168):

998. ՄԼԵՀԷ ԵՏՔԸ ՌՈՒԲԷՆ

Հայեր չմասնակցեցան պատերազմին, որ Մանուէլ կայսեր եւ Գլըճասլան սուլտանին միջեւ կը մղուէր ամենայն ուժգնութեամբ եւ անորոշ բախտով: Լամբրոնի Հեթումը իսկ չի յիշուիր Մանուէլի օգնող գունդերուն մէջ թէպէտ Լամբրոնցիներ սերտ կապուած էին կայսրներուն ծառայութեան: Արդէն յիշեցինք Մլեհի չարամիտ եւ չարասիրտ ընթացքը, որով ատելի եղած էր իշխաններուն եւ ժողովուրդին 982), բայց տակաւին կը տոկային եւ կը տանէին, զի միանգամայն քաջութեան ձիրքեր եւ աշխարհաշինութեան արդիւնքներ ալ ունէր: Բայց ամէն բանի ալ չափ մը կայ, եւ վերջապէս Մլեհ անտանելի դարձաւ իր բռնապետական ընթացքով, եւ իր իշխաններուն մէջ կազմուած համաձայնութեան հետեւանօք սպաննուեցաւ Սիսի մէջ (ՎԱՀ. 211): Եթէ Միխայէլի հաւատանք, սպաննողներ պատուով թաղումի իսկ չարժանացուցին Մլեհի մարմինը, եւ արկին շանց (ՄԻԽ. 476), մինչ ազգայիններ կը վկայեն թէ Մեծքար վանքը թաղուեցաւ (ՎԱՀ. 211), Անարզաբայի մօտերը, զոր ինքն իսկ պայծառացուցած էր Տարագոսեան վկայից գերեզմաններուն վրայ: Գուցէ ատելութեան բուռն կիրքերու ներքեւ պահ մը նախատուեցաւ բռնակալ Մլեհի դիակը: Իշխանապետութեան յաջորդութեան հրաւիրուեցաւ դժբախտ Ստեփանէի 948) երէց որդին Ռուբէն: Թորոսի որդին Ռուբէն սպաննուած էր 913), Մլեհի ալ Ռուբէն որդի մը ունենալը, թէպէտ յիշուած (ՍԻՍ. 45), բայց տակաւին կենդանի եղած ըլլալը յայտնի չէ. ըլլար ալ Մլեհի մը որդին չէին ուզեր Հայ իշխաններ իրենց վրայ իշխանապետ ունենալ: Երբոր Ստեփանէ Յոյներէն չարաչար սպաննուեցաւ 948), Պապերոնի իշխան էր Բակուրան, որդի Սմբատ իշխանի, եղբօրորդի Օշին իշխանին Լամբրոնի, եւ թոռնորդի Արցախէ գաղթող Գանձակեցի Օշինի: Այդ Բակուրանի քոյրն էր Ռիթա, Ստեփանէի կինը, որ իր երկու մանր զաւակները առնելով Պապերոն եղբօրը մօտ ապաւինեցաւ 1157-ին, եւ այնտեղ մեծցան եւ կրթուեցան Ռուբէն Բ. ու Լեւոն Բ., որ նշանաւոր դէմքեր եղան Ռուբինեան ազգատոհմին մէջ: Այդ տեսութեամբ Բակուրանի անունը պէտք է երախտապարտութեամբ յիշուի պատմութեան մէջ, իբրեւ երկուքին ալ դաստիարակողը, զի առ Բակուրան էին զարգացեալ (ՍԱՄ. 138): Ռուբէն թէ' իբրեւ Լեւոն Ա. ի թոռներուն երիցագոյնը, եւ թէ իբրեւ լաւ պատրաստուած իշխան մը, համահաճ հաւանութեամբ իշխանապետութեան գահը բարձրացաւ. եւ էր նա բարեմիտ, առատ, տեսլեամբ գեղեցիկ, ի զինուորութեան արի, եւ ի նետելն աջող: Իր առաջին գործերէն մին եղաւ Մլեհի հաւաքած գանձերը իւրացնելով չպահել, այլ սփռել ի պէտս եւ յանպէտս, որով անուշացնէր զսիրտս իշխանաց, եւ անոնց օգնութեամբ զհոյլս թշնամեացն մղէր, եւ նոյնիսկ Անարզաբա եւ Տարսոն քաղաքները կը նուաճէր (ՍՄԲ. 102): Չուզեց Մլեհի սպանութիւնն ալ անպատիժ թողուլ, եւ կեղծելով անոր սպաննիչները վարձատրել, սպանութիւնը կատարողները ստիպեց ինքզինքնին յայտնել, եւ Ջահան իշխան մը ու Ապլղարիպ ներքինի մը, որ թակարդին իյնալով ինքզինքնին մատնեցին, վիզերնին քար կապել տալով հրամայեց ձգել ի խորս ջրոց (ՍՄԲ. 103), հաւանօրէն Սմբատի մէջ, որ է Սիսի գետակը: Մլեհի սպանութեան եւ Ռուբէնի իշխանապետութեան թուական կը դնենք, Սմբատի ցուցուցած 624-ը (ՍՄԲ. 102), որ է 1175 տարին:

999. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Գրիգոր կաթողիկոսին համար յաջող էր` բարեսէր եւ բանիմաց անձի մը իշխանապետութեան գլուխը գտնուիլը, որ կրնար նպաստել Յոյներու հետ մերձաւորութեան կամ միութեան խնդիրին, ինչ որ Հայոց կաթողիկոսին համար` ոչ միայն եկեղեցասիրական այլեւ ազգասիրական գործ մըն էր, եւ ստրկաբար չհպատակելով ալ` ամենայն եռանդեամբ միութեան գործը կը մշակէր: Գրիգոր յաջողակ օգնական մը ունէր իր մօտ, իր Շահան հօրեղբօր թոռը, Լամբրոնացի Ներսէս վարդապետը, որ գրիչով եւ գործով իրեն մեծապէս կը նպաստէր: Անոր գործունէութեան ասպարէզը աւելի ընդարձակելու, եւ Շնորհալիէ աւանդուած կտակ մը իրագործելու, եւ ծնողաց ուխտադիր փափաքը տեղը տանելու համար, Գրիգոր 1175-ին, հազիւ 22 տարեկան եղած Ներսէսը, արքեպիսկոպոսութեան կը բարձրացնէր, որ ութը տարիէ ի վեր քահանայ ձեռնադրուած էր, եւ անոր կը յանձնէր Լամբրոնի եւ Տարսոնի եպիսկոպոսութիւնը եւ Սկեւռայ վանքին առաջնորդութիւնը, զոր անոր հայրն Օշին հիմնած էր, եւ եղբայրն Հեթում նիւթականապէս կը պայծառացնէր. իսկ բարոյական եւ եկեղեցական պայծառութիւնը նորապսակ եպիսկոպոսին արդիւնքը պիտի ըլլար: Վերագոյնդ յիշեցինք թէ Գրիգոր Ապիրատ Լամբրոնի արքեպիսկոպոս նշանակուած էր Գրիգոր Տղայի կաթողիկոսանալուն առթիւ 993): Բայց Ներսէսի ձեռնադրութեան վրայ այլեւս Ապիրատ պէտք է թողած ըլլայ Լամբրոնն ու Տարսոնը, հազիւ տարիուկէս այդ վիճակները հովուելէն ետքը, եւ անցած Անտիոքի արքեպիսկոպոսութեան (ԸՆԴ. 198): Լամբրոնացի Ներսէսի երիտասարդութեան տարիքին մէջ եպիսկոպոսանալը, սովորական բան մըն էր Պահլաւունեաց ազգատոհմին մէջ, որուն կը պատկանէր ինքն մօրենական ծագմամբ, հօրենական սերունդով ալ Օշինեանց հաւասարապէս իշխանական տունէն ըլլալով: Այդ սովորութիւնը որչափ եւ տարօրինակ եւ կանոնական օրէնքներու անհամաձայն, սակայն արդարացեալ բացառութիւն էր` նկատելով այն բարձր զարգացումը, խոհական գործունէութիւնը եւ սրբակրօն կենցաղը, զոր բոլոր Պահլաւունի հովիւներ եւ հովուապետներ, Գրիգորեաններ եւ Ներսիսեաններ, առանց բացառութեան ապացուցին իրենց արդիւնաւորութեամբ: Յատկապէս Լամբրոնացիին վրայ խօսելով, պէտք է յիշատակենք այն երկասիրութիւնները, զորս իր երիտասարդական տարիքին մէջ գրեց, եւ որոնք իրենց խոհական եւ հմուտ եւ ընտիր պարունակութեամբ կը բարձրացնեն անոր արժանիքը, եւ լիապէս կ՚արդարացնեն իրեն համար եղած բացառութիւնը: Եպիսկոպոսութենէն քիչ առաջ գրած էր Կիւրեղ Երուսաղէմացիի` Պարապմանց գիրքին լուծումը: Ձեռնադրութենէն ետքը սկսաւ գրել պատարագի մեկնութիւնը, Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ ճառերուն հետ, զորս աւարտեց 1177-ին, եւ միւս տարին գրեց Առակաց գիրքին մեկնութիւնը, երրորդ տարին ալ Յայտնութեան մեկնութիւնը թարգմանեց եւ Սաղմոսաց մեկնութիւնը սկսաւ. միեւնոյն ժամանակ գրելով ճառեր ու շարականներ եւ շատ մը սուրբ գրոց մեկնաբանութիւններ, որոնց ամենուն ցուցակը մատենախօսներուն կը պատկանի տալ, իսկ մեր նպատակն է միայն` անոր կանխահաս մեծութեան եւ գիտութեան ապացոյցը տուած ըլլալ:

1000. ՄԱՆՈՒԷԼԻ ՆԱՄԱԿԸ

Ամբողջ 1175 տարին եւ յաջորդն ալ Մանուէլ պատերազմի դաշտին վրայ անցուց` չկրնալով վերջնական յաղթութիւն տանիլ թշնամիին վրայ, թէպէտ Լամբրոնացին զայն իւրով անձամբն քաջամարտիկ լեալ կըսէ, եւ բազում յաղթութիւն եւ արութիւն ցուցեալ յայլազգիսն: Պատերազմի երկրորդ տարւոյն նոր կիւրակէի օրը, 1176 Ապրիլ 11-ին առտուն, տեղի ունեցած արեւի կատարեալ խաւարումը, շատ գէշ տպաւորութիւն գործեց ամենուն վրայ, եւ անոր ազդեցութեան վերագրուեցաւ, նոյն տարւոյ Սեպտեմբերին Մելիտինէի ճակատամարտին մէջ Մանուէլի կրած չարաչար պարտութիւնը, ուր շատ մը կորուստ տուաւ իր բանակէն եւ 70 հոգի յազգէ թագաւորին սպաննուեցան, եւ ինքն ալ հազիւ մահուընէ ազատեցաւ. թէպէտեւ երկերիւր զարկ նետից եւ ռմբաց բազմաց ի նա դիպեալ եղեւ, կ՚ըսէ Լամբրոնացին, հարկաւ լսուած զրոյցներու արձագանգ ըլլալով (ԸՆԴ. 168). Մանուէլ պարտաւորուեցաւ ծանր պայմաններով խաղաղութիւնը գնել, եւ միայն գերին ինկած Խաչափայտը եւ Աստուածածնայ պատկերը ետ առած ըլլալու գոհունակութեամբ ետ դարձաւ Կոստանդնուպոլիս, ուր բաւական ատենէ ի վեր իրեն կը սպասէր Հայ կաթողիկոսին պատգամաւորը, Կոստանդին Հերապոլսեցի յոյն քահանան 996): Կոստանդին իր ատենը պարապի չէր անցուցած, Կոստանդնուպոլսոյ Միքայէլ պատրիարքին եւ այնտեղ գտնուող Անտիոքի Կիւրեղ պատրիարքին կը բացատրէր զոր ի Հայս ճշմարտութիւն հաւատոյ եւ վարուց, եւ որովհետեւ ազգաւ Հոռոմ էր, իր խօսքերը աւելի վստահութիւն կը ներշնչէին, եւ հաւանեցուցանէր զբարեսէրսն եւ յամօթ առնէր զտկարամիտ չարախօսն (ԸՆԴ. 168): Երբոր Մանուէլ դարձաւ, պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն կողմանէ գետինը բաւական պատրաստ գտաւ, ուստի նորէն եռանդով ձեռք առաւ իր այնչափ փայփայած միութեան խնդիրը, յուսալով վերջնապէս Հայերը Յունական եկեղեցւոյ շրջանակին ներքեւ առնել: Տարւոյն վերջին ամիսներուն մէջ բանակցութիւններ կատարուեցան, եւ կայսրն ու եկեղեցական սիւնհոդը իրարու հետ համաձայնեցան, եւ գործին յաջողութեան համար առժամեայ զիջողութիւններ ընել որոշեցին, ապագային վերապահելով բոլոր առաջարկութիւններն ալ ընդունիլ տալու յոյսը, քաջալերուելով անշուշտ կաթողիկոսին երկդիմի խօսքերէն, թէ երբ ուղղի աստուածայինն խաղաղութիւն, այնուհետեւ ինքն սէրն ծնանի եւ բուսուցանէ զորս իւր աճմանն է օժանդակ (ԸՆԴ. 167): Այդ հիմամբ յատուկ պաշտօնագիր մը գրուեցաւ Մանուէլի կողմէն 1177 Յունուար թուականով, գիր մըն ալ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն կողմէն, երկուքն ալ յանձնուեցան Կոստանդինի, որ Հերապոլիսի մետրապոլիտ ձեռնադրուեցաւ Կիւրեղ պատրիարքէ, եւ իրեն յանձնուեցաւ Հռոմկլայ երթալ իբր կայսերական պատգամաւոր եւ իբր պատրիարքական նուիրակ եւ Հայ ժողովը գումարել տալ, եւ ինչպէս կը վստահեցնէր, միութեան գործը գլուխ հանել: Այլեւս Թէորիանոսի եւ Ութմանի անունները չտրուեցան, որ գուցէ վախճանած ալ էին անցած տարիներու միջոցին:

1001. ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Մանուէլ Հայոց կաթողիկոսին նամակին մէջ (ԸՆԴ. 169-175) նախ կը գովէ եւ կը բարձրացնէ անոր միութենական տրամադրութիւնները, եւ առիթ առնելով Գրիգորի յայտնած միտքերէն, ուրախ է որ Հայերն այլեւս Նեստորական չեն կարծեր Յոյները երկու բնութիւն ընդունելնուն համար, եւ ինքն ալ կը հերքէ Յոյներուն սխալ եւ թիւր ըմբռնումը, որով, կ՚ըսէ, ի մէնջ հերետիկոսք կարծեցայք եւ անուանեցայք դուք, որ հաստատութեամբ խորհիք յուղղափառութիւն: Այս հիմամբ կը համաձայնի կաթողիկոսին առաջարկին, որով կը խնդրէր թեթեւացուցանել ի նախակարգեալ գլխոցն (ԸՆԴ. 167), եւ կը յայտնէ թէ ինքն զամենայն գործոց ձեռնարկութին երկրորդ համարեցաւ, առաջին տեղ տալով ջանի եւ աշխատութեան ուղղափառ հաւատոցս ձայնակցութեան: Ասոր վրայ զանց կ՚ընէ ինը գլուխները կրկնել, միայն երկու բնութեանց խնդիրը ձեռք կ՚առնէ, երկու կամքի եւ երկու ներգործութեան վրայ ալ տարածելով, եւ տեսնելով որ Հայեր միաւորութիւն ըսած ատեննին, շփոթութիւն կամ խառնուրդ կամ մարդկութեան ընկղմում եւ կորուստ չեն իմանար, կը հետեւցնէ թէ իսկութեան մէջ Յոյներուն համաձայն են, եւ քանի որ ի միտս բարեպաշտութիւն կայ, կ՚առաջարկէ եւ կը յորդորէ որ նոյնը երեւելի լիցի բարբառով բանի (ԸՆԴ. 174), որ է ըսել, Հայերը ընդունին երկու բնութիւն բանաձեւը, եւ այդ բանաձեւը նուիրագործող Քաղկեդոնի ժողովը: Կը կնքէ պահանջելով որ ձեր պատուականութիւնդ եւ ամենայն սրբազան քահանայապետիցդ Հայոց, առանց հակառակութեան եւ երկմտութեան, միաբանութեամբ եւ համակրութեամբ, զհամադրութիւնն հաւատոյ վասն բարեպաշտ խոստովանութեան ձեր, քաղկեդոնական դաւանութիւն ըսել կ՚ուզէ, փութան գրով առնել եւ առ մեզ առաքել ի ձեռն պատուական եպիսկոպոսաց (ԸՆԴ. 195): Գրիգոր կաթողիկոսին կայսեր ուղղած անձամբ գալու հրաւէրն ալ, Մանուէլ փոխադարձելով կաթողիկոսը կը հրաւիրէ, որ հանդերձ մեծապատիւ քահանայապետօք, եկեսցէ առ մերս թագաւորութիւն, գործին հանդիսապէս վերջաւորութիւն մը տալու համար. եւ այն փութապէս եւ կանխաւ, զի մի' երբեք ընդ վճարիլն մեր մահուամբ, յանկատար մնալոյն բարի խորհրդոյս, թշնամին բարւոյ բերկրեսցի (ԸՆԴ. 175): Նամակիս վերլուծումէն կը տեսնուի, որ երկրորդ սեպուածներն են` ինը գլուխներուն վերջին եօթները, եւ իբր կրկնուած առաջարկ կը մնայ միայն երկրորդ գլուխը, որ է երկու բնութիւն բանաձեւը, եւ անոր յարակից կը լինի առաջին գլուխը, որ է մի բնութիւն բանաձեւին հերքումը (ԸՆԴ. 156): Եւ ոչ իսկ կը պահանջէ Սուրբ Աստուած -ին փոփոխութիւնը, վասնզի կը յայտարարէ, թէ զգայթակղութիւնն որ կայր ի սիրտս մեր` յերգս ձեր եւ ի պաշտամունս, բժշկեցաք քննութեամբ (ԸՆԴ. 174):

1002. ՍԻՒՆՀՈԴԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ

Կոստանդնուպոլսոյ Միքայէլ պատրիարքին նամակը շատ աւելի ծանրակշիռ կարեւորութիւն ունի, վասնզի միայն պատրիարքի կողմանէ գրուած չէր, այլ իսկապէս սիւնհոդական թուղթ մըն էր, 20 ստորագրութիւններով, որոնց գլուխը կը գտնուին Միքայէլ Կոստանդնուպոլսոյ ու Կիւրղոս Անտիոքայ պատրիարքները, եւ Ստեփանոս Կեսարիոյ ու Թէոդորոս Հերակլիոյ մեծ արքեպիսկոպոսները: Ասոնց կը հետեւին 16 մետրապոլիտներ, որոնց մէջ են ոչ միայն մօտաւոր աթոռներու թեմակալները, ինչպէս Կիւղիկիոյ, Նիկոմիդիոյ, Նիկիոյ, Դեռկիոյ, եւ Ադրիանուպոլսոյ մետրապոլիտները, այլեւ հեռաւորներ, զորօրինակ Իկոնիոնի, Նազիանզու եւ Կողոնիոյ մետրապոլիտները ասիակողմէն, եւ Լակեդեմոնիոյ ու Վլաշիոյ մետրապոլիտները եւրոպակողմէն (ԸՆԴ. 180): Ըսել է թէ Յոյներ պաշտօնական ժողովով որոշած են միութեան համար միակ պայմանով գոհանալ, եւ ծիսական ոչ մի փոփոխութիւն անմիջապէս չպահանջել Հայերէն: Սիւնհոդական նամակը կը հաստատէ կայսերական նամակին պարունակութիւնը, թէ ընկալաք զամենայն ուղղափառութեամբ լցեալ գիր ինքնակալին մերոյ (ԸՆԴ. 177), կ՚ընդունի Հայոց դաւանութեան ուղղութիւնը, թէ ծանեաք զձեր ուղղափառութիւնդ, որովհետեւ ստուգուեցաւ, թէ ա'յլ էր որ առ ձեզ իրքն, եւ ա'յլ էր որ առ մեզ վասն նոցին համբաւն (ԸՆԴ. 176): Ասոր վրայ կ՚անցնի հանգանակի ձեւով Յունաց դաւանութիւնը տալ, եւ թէպէտ անգամ մը կ՚ըսէ. Խոստովանիմք յերկուց բնութեանց եւ երկու բնութիւն, բայց անմիջապէս կը յաւելու, թէ մի յերկուցն Քրիստոս, թէ ոչ վասն բնութեանցն տեսութեան բաժանի միաւորութիւն, եւ թէ յերկուց բնութեանցն միաւորութիւն եղեւ (ԸՆԴ. 178), որով կը շօշափէ Հայկական բանաձեւը: Վերջապէս կը խնդրէ, որ նոյն կերպով Հայերն ալ իրենց դաւանութիւնը գիրի առնեն, եւ բոլոր ժողովականներով ստորագրեն, ըստ մեր աստուածային եւ սուրբ ժողովոյս օրինակի (ԸՆԴ. 179):

1003. ԺՈՂՈՎԻ ՀՐԱՒԷՐԸ

Կոստանդին Հերապոլսեցին անմիջապէս բերաւ այդ նամակները, եւ հետեւաբար 1177 տարւոյ զատիկէն առաջ նամակները Հռոմկլայ հասած էին: Գրիգոր կաթողիկոս անոնք կարդաց խորհրդակցութեամբ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց ` որ իր շուրջը կը գտնուէին, եւ պարունակութիւնը կշռելով գոհունակութեան արժանի գտաւ, որ փոխան ինն գլխոց, որ Շնորհալիին օրով առաջարկուած էին, խնդիրը մինչեւ մէկ գլուխի վերածուած է, այսինքն է երկու բնութիւն բանաձեւը ընդունիլ, այն ալ ոչ թէ մոլորութենէ ուղղութեան դառնալու իմաստով, այլ յայտարարելով թէ Հայեր ուղղափառ եղած են, եւ ուղղափառ միտքով կրցած են մի բնութիւն բանաձեւը գործածել: Իսկ բանաձեւի փոփոխութիւնը կը խնդրուէր պարզապէս միութեան եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան շօշափելի նշան մը տուած ըլլալու եւ տկարամիտներու շփոթութիւնը փարատելու համար: Այդ տեսութեանց հիմնուելով Գրիգոր կաթողիկոս, Գրիգոր Ապիրատ, Ներսէս Լամբրոնացի, եւ անոնց հետեւողներ` որոշեցին թէ այդ հիմամբ կատարուելիք միութիւնը` անգործադրելի չէ. միայն թէ առանց ազգային ժողովի ալ ընդունիլ հնար չէ. ուստի անմիջապէս ժողովի հրաւէրներ ցրուեցին ամէն կողմ, ի Մեծն Հայք եւ ի յԱրեւելս, եւ ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ, եւ Սուրբ Լեառն որ Սեաւ կոչի: Լամբրոնացին իր տեղեկութեանց մէջ, այնպէս կը ցուցնէ թէ անմիջապէս եւ առանց ընդդիմութեան ժողովը հաւաքուեցաւ ի հայրապետական աթոռն Հռոմկլայ, որ է առ ափն Եփրատայ, եւ օրն ալ ճշդելով ի սուրբ պասքայն (ԸՆԴ. 180), զանց կ՚ընէ տարին նշանակել. մինչ ուրիշ կողմերէն կը տեսնուի, որ երկու տարի ետք 1179-ին զատիկին գումարուած է Հռոմկլայի ժողովը, եւ երկու տարի յապաղիլը կարեւոր դժուարութեանց տեղի ունեցած ըլլալուն նշանն է: Դժուարութիւններ կրնային արտաքին ալ ըլլալ, բայց աւելի ներքին դժուարութիւններուն երեսէն յապաղած ըլլալը կը հաստատեն Արեւելեաց եւ կաթողիկոսին միջեւ փոխանակուած գիրերը, զորս Լամբրոնացին միութենական խնդրոյն վաւերագիրներուն կարգին յառաջ բերել զանց կ՚ընէ, այլ որոնք ուրիշ կողմէն պահուած ու մեզի հասած են (ԸՆԴ. 307-329): Լամբրոնացին, որ միութենական գործին ծայրայեղ փութկոտութեամբ փարած մէկն էր, հաւանաբար չէ ուզած այդ գիրերը յառաջ բերել, կասկածելով ընթերցողներու միտքը պղտորել, եւ մանաւանդ նկատելով, թէ քանի որ վերջիվերջոյ ժողովը գումարուեցաւ եւ արդիւնք մըն ալ ունեցաւ, միջանկեալ դէպքեր իրենց նշանակութիւնը կորուսած եւ կարեւորութենէ զուրկ մնացած կ՚ըլլան: Բայց մեզ պարտք է եղելութեանց ընթացքը իրենց ամբողջութեան մէջ յառաջ բերել:

1004. ԱՐԵՒԵԼԵԱՅՑ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ձեռուընիս չունինք կաթողիկոսական հրաւիրագիր շրջաբերականը, որ ճշդենք թէ ինչ ոճով, ինչ հիմամբ, եւ ինչ նպատակով կազմուած էր գումարումին ծրագիրը: Բայց կ՚երեւի թէ կայսրէն եւ պատրիարքէն ստացած նամակները հաղորդած էր, գոնէ քաղուածօրէն. եւ միութեան պէտքը շեշտելով, ու զայն արդէն պատրաստուած ու լուծուած ենթադրելով, միայն պաշտօնական կերպով ընդունելու եւ վաւերական կերպով հռչակելու կը հրաւիրէր եպիսկոպոսները: Չենք գիտեր թէ ուսկից քաղած են իրենց տեղեկութիւնը անոնք, որ կը կարծեն թէ սկսան գալ եւ ժողովիլ ի Հռոմկլայ բազում եպիսկոպոսունք Հայոց եւ վարդապետք (ՀԱՄ. Գ. 121). եւ որչափ կարեւորութիւն պէտք է տալ հին Յայսմաւուրքին որ կը գրէ, թէ Գրիգոր կաթողիկոս էառ հաւանութիւն ի նոցանէ երեք հարիւր երեսուն եւ վեց եպիսկոպոսաց վասն միաբանութեան ընդ Յունաց (ՅԱՅ. 89), եւ թէ միայն Ձորոգետացի վարդապետներէն ոմանք եղան չհնազանդողները: Եթէ Գրիգոր կաթողիկոսին, որ ընդ մեղս են սրբոց ժողովք յիշելը (ԸՆԴ. 312), կամ մերովք սուրբ ժողովովքս գրելը (ԸՆԴ. 326), իբր հիմն կ՚առնեն, մեր տեսութեամբ կաթողիկոսը այս խօսքերով` ոչ թէ նոր հաւաքուած ժողովի մը, այլ Հռոմկլայի հայրապետանոցին մէջը եւ շուրջը գտնուողներուն միոյն կ՚ակնարկէ: Եթէ իրօք այնպիսի ստուար բազմութիւն մը համամիտ կերպով միացած ըլլար, թերեւս Ձորոգետցիներուն ընդդիմութիւնն ալ նկատի առնուած չէր ըլլար, եւ երկու տարի ժողովը չէր յետաձգուեր, մինչեւ որ Արեւելեայց ներկայացուցիչները գային. նոյնիսկ ժողովն ալ շատ աւելի բազմութեամբ կազմւած կ՚ըլլար, եւ ոչ լոկ 33 ստորագրութեամբ (ԸՆԴ. 198): Արեւելեան վարդապետներուն խումբը Հիւսիսային կողմանց (ԸՆԴ. 309) վարդապետներ ալ կոչուած են, զի իրենց կեդրոններն էին Հաղբատ ու Սանահին զոյգ վանքերը, Գուգարաց Ծոբոփոր գաւառի, Ձորոգետի հովտին մէջ, ուսկից առնելով Ձորոգետացի ալ կոչուած են յաճախ: Այս վանքերը Բագրատունեաց օրերէն սկսած էին ծաղկիլ, եւ արեւելեան երկիրներու կամ բուն Հայաստանի մէջ կրօնից եւ ուսմանց կեդրոն դարձած էին: Եկեղեցական իշխանութեան կամ նուիրապետութեան տեսակէտէն ալ իրենց գլուխ կը ճանչնային Անիի արքեպիսկոպոսները: Արեւելեան սահմաններուն մէջ փակուած, եւ արեւմտեան յարաբերութիւններէ անջատ, եւ նախնի աւանդութեանց հաւատարիմ պահապան, ամէն միութեան գաղափարը կասկածաւոր էր Ձորոգետացիներուն աչքին. եւ օտարներու առաջարկներուն անվստահ, խաբուելու կամ ընկճուելու վտանգէն ազատ մնալու համար` կը սիրէին յարաբերութիւններէ ալ խուսափիլ: Այս հոգւով նկատեցին Գրիգոր կաթողիկոսի հրաւիրագիրն ալ, եւ իրենց մէջ խորհրդակցելով դիտողագիր մը ուղղեցին կաթողիկոսին: Նամակին գլուխը յանուանէ յիշուած են Բարսեղ կամ Բասիլ արքեպիսկոպոս Անւոյ, եպիսկոպոս յարեւելս հիւսիսոյ կոչուած` իր իրաւասութեան ընդարձակութիւնը ցուցնելու դիտմամբ: Սանահին վանքի առաջնորդը Գրիգոր մականուանեալն Տուտէորդի եւ Յովհաննէս վարդապետ, Հաղբատայ վանքէն Իգնատիոս եւ Պետրոս եւ Վարդան եւ Դաւիթ վարդապետներ, որոնցմէ Իգնատիոս առաջնորդ է թերեւս, եւ Դաւիթ ալ Քոբայրեցի կոչուածն է, Հաղարծինի վանքէն Խաչատուր, Խորակերտի վանքէն Մխիթար, եւ Գետկայ վանքէն միւս Մխիթար` որ է Գօշը, ամէնքն ալ յիշուած վանքերուն առաջաւորները (ԸՆԴ. 308):

1005. ԱՐԵՒԵԼԵԱՅՑ ՆԱՄԱԿԸ

Վերոյիշեալ անձեր, թէ' իրենց եւ թէ' իրենց այլք աշակերտեալք սրբոց կտակարանց ընկերներուն անունով, եւ երկիրպագանելով յարգանքնին յայտնելէն ետքը կ՚իմացնեն, թէ նամակները կարդացած` եւ մեծ ինքնակալէն միաբանութեան խնդիր յուզուիլը իմացած են, այլ կը զարմանան որ կաթողիկոսը ինքնիրեն հաւատոյ նամակ գրած է, զի թէպէտ ինքնագլուխ է, բայց առանց կարեւորացն անդամոց չեն ընդունիր որ ներգործէ ինչ գլուխ, եւ կը յուսան որ կաթողիկոսը իր հանճարով ուղղէ զթիւրութիւն ` եթէ լինիցի (ԸՆԴ. 205): Այս ըսելով կը մտնեն յունական քաղկեդոնիկ դաւանութեան քննադատութիւնն ընել, եւ չեն ընդունիր որ մի Քրիստոս, որեւէ կերպով երկուքի բաժնուի. արեամբ եւ անուամբ Աստուծոյ բացատրութեանց տարբերութիւնը կը շեշտեն, որպէս ոմն առ ոմն բանաձեւը կը մերժեն (ԸՆԴ. 309), եւ ամէն երկուքութիւն հերքելով կը պնդեն, թէ մի բնութիւն խոստովանիմք Բանին Աստուծոյ մարմնացելոյ, եւ կը բացատրեն թէ ինչպէս կ՚առնուին աստուածայինները եւ մարդկայինները մի Քրիստոսի վրայ: Առիթ առնելով կաթողիկոսին գրածէն, թէ Յոյներ Հայերուն ուղղադաւանութիւնը ճանչցած են, կը հարցնեն, թէ ապա ուրեմն զերկրորդս զայս տարաձայն դաւանումն զի՞ առաքեն առ մեզ (ԸՆԴ. 311): Ուստի կը կարծեն թէ գրեալքս ի նոցանէ պատրուակեալ յինքեանս ունին զթոյնս դառնութեան (ԸՆԴ. 308), եւ կաթողիկոսն ալ կը յորդորեն Յոյներուն առաջարկը մերժել, ոչ թէ կասկածելով անոր ուղղադաւանութեան վրայ, այլ որպէսզի Յոյները իմանան ոչ երկձայնս զՀայաստանեայսս գոլ (ԸՆԴ. 311), եւ համոզուին որ Հայերս չեմք ցանկացեալք մարմնականին պատուոյ եւ փառաց: Իրենց համար կը դիտեն, թէ յերեկոյացեալ եմք ժամու. այսինքն տարիքնիս առած ենք, եւ ակն ունիմք իւրաքանչիւրումն առ իւրն հասանել դատաւոր, եւ կ՚ուզենք, կ՚ըսեն, հանդարտ խղճով կեանքերնիս փակել: Խօսքերնին համառօտելով կը յայտնեն, թէ կաթողիկոսը լաւ գիտէ զայն լրացնել, եւ ինչ որ պէտք է Յոյներուն պատասխանել, եւ միութեան խնդիրը եւ ժողովական գումարումը խափանել:

1006. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ

Գրիգոր կաթողիկոս բնաւ չախորժեցաւ այդ նամակէն, որ իր այնչափ եռանդով մշակած գործը հիմնովին կը ջնջէր, եւ որ արեւմտեան կողմերը հաստատուած Հայերը կը զրկէր ակնկալուած օգնութենէն եւ պաշտպանութենէն: Հայաստանցիներ կրնային այդ կէտին կարեւորութիւն չտալ, վասնզի Յոյներուն ազդեցութիւնը ոչնչացած էր այն կողմերը, բայց նոյնը չէր Փոքր Ասիոյ մէջ, ուր կայսրութիւնը տակաւին ազդեցիկ դեր կը պահէր, եւ Հայեր կ՚ակնկալէին անկէ օգտուիլ: Հետեւաբար պէտք եղաւ կրկին գրել Արեւելեաններուն, եւ զիրենք համոզել որ գան եւ ժողովին մասնակցին եւ ինչ որ պէտք է ընել, ժողովով եւ վերջնականապէս որոշեն, առանց երկար թղթակցութիւններով ժամավաճառ ըլլալու: Կաթողիկոսը իր նամակով (ԸՆԴ. 312-329), նախ սիրոյ մեծութիւնը կը բարձրացնէ, նոյնիսկ թշնամիներն ալ սիրելու, եւ շապիկը յափշտակողին փակեղն ալ վրայ տալու պայմանով: Սիրոյ առարկաներն ալ յիշելով, կ՚ըսէ, թէ այն միայն իր ազգայիններուն վրայ չի տարածուիր, որովհետեւ ոչ թէ ա'յլ Քրիստոս էր որ յաղագս Հայոց եկն, եւ ա'յլ` որ յաղագս Հոռոմոց, եւ ա'յլ` որ յաղագս Ֆռանկաց (ԸՆԴ. 314), որ կարենայինք ըստ այնմ մեկնել սիրոյ հրամանը: Հետեւաբար իրաւունք ունենալ կը կարծէ, երբոր Հայ չեղողներու հետ ալ սէր հաստատելու համար դիմում ըրած է: Այս ալ կ՚ըսէ, ոչ առ ի մէնջ ըրինք, այլ ի մերոց սրբոց նախնեաց սկսած գտանք, ինչ որ եթէ Ձորոգետացիք չէին գիտեր, պէտք էր իմացած ըլլային Վարդան Հաղբատացի վարդապետէն, որ Կիլիկիա եղած էր Շնորհալիին ձեռնարկած ջանքերուն ատեն (ԸՆԴ. 314), եւ ինչպէս իրենք ալ համաձայնութիւն յայտնած էին պատուիրակ Ստեփանոս եպիսկոպոսին (ԸՆԴ. 323): Իբրեւ համոզողական փաստ վրայ կը բերէ, թէ առաջ շատ էին Յոյներուն պայմանները, այսինքն են. 1. Երկու բնութիւն եւ երկու կամք եւ երկու ներգործութիւն բանաձեւերը գործածել: 2. Քաղկեդոնի ժողովը եւ անոր տոմարը ընդունիլ: 3. Պատարագին խմորուն հաց եւ ջրախառն բաժակ գործածել: 4. Միւռոնը ձիթենիի ձէթով պատրաստել: 5. Սուրբ Աստուած էն խաչեցարը վերցնել: 6. Առաջաւորի պահքը ջնջել: 7. Ծնունդը Դեկտեմբեր 25-ին տօնել: 8. Կաթողիկոսին հաստատութիւնը կայսրէն ընդունիլ (ԸՆԴ. 314 ): Տղային նամակին մէջ յիշուած այս պայմանները քիչ մը կը տարբերին Մանուէլի առաջարկած ինը գլուխներէն 943): Նախ ինը ութի վերածուած է, եւ կը պակսին 7-րդ եւ 8-րդ գլուխները, ժողովուրդը եկեղեցիի մէջ պահելու, եւ վերջին ժողովները ընդունելու կէտերը, այլ աւելցուած է 6-րդ գլուխը, որ է Առաջաւորի պահքը ջնջել: Չենք կարծեր թէ առաջին ինը գլուխները յետոյ փոփոխուած ըլլան, վասնզի այսպիսի յիշատակութիւն բնաւ չկայ, այլ Գրիգոր Տղայ լոկ յիշողութեան վրայ հիմնուելով, ինչ ինչ տարբերութեանց մէջ ինկած է, ինչպէս որ առաջարկներուն կարգն ալ տեղափոխած է: Այդ գլուխները յիշելով կաթողիկոսը կը յայտնէ թէ այսմ ամենայնի հակառակ եւ դիմամարտ ես էի յառաջն, եւ կը պարծենայ թէ իմս գրով եւ բանիւ հազիւ ուրեմն ածի յայդ, այսինքն թէ ասկէ առաջ ունեցած կարծիքնին զրպարտութիւն ճանչցան, թէ մեր եկեղեցւոյ յերգս եւ յօրհնութիւնս, որ է շարականքդ, ուղղափառ դաւանութիւն պարունակուիլը խոստովանեցան, եւ թէ զամենայն խնդիրս լուծին, այսինքն է մէկ կողմ դրին, նոյնպէս եւ զհայցուածս իւրեանց, այսինքն առաջին պայմանները ետ առին (ԸՆԴ. 315): Այս կերպով կաթողիկոսը ըսել կ՚ուզէ, որ եթէ խնդիրներուն մեծ մասին վրայ անոնք զիջողութիւն ըրին, պէտք է որ մէկ կէտի վրայ ալ մենք զիջողութիւն ընենք:

1007. ԴԱՒԱՆԱԿԱՆ ԿԷՏԸ

Բայց այդ միակ կէտին դէմ էր գլխաւորապէս Արեւելեայց ընդդիմութիւնը, պնդելով թէ երկու բնութիւն ըսել նեստորական դաւանութիւն ընդունիլ է: Անոր համար կաթողիկոսը երկարօրէն կը զբաղի այդ տեսութիւնը հերքել: Նախապէս դիտել կու տայ, թէ Նեստորը Հայաստանի մէջ չապրեցաւ ու չվարդապետեց, ոչ ի Սանահին խօսեցաւ, ոչ ի Հաղբատ հրատարակեցաւ, եւ ոչ յԱնի առաջնորդ կարգեցաւ, այլ Յոյներուն մարդն է, թող իրենք քննեն ու դատեն, եւ մենք ալ Եւտիքէսի, Դէոսկորոսի եւ Տիմոթէոսի անունով չխօսինք, որ մերը չեն, այլ պինդ բռնենք մերինները, որք են սուրբն Գրիգորիոս եւ զարմն իւր սուրբ, եւ Ներսէս եւ Սահակ (ԸՆԴ. 315): Այստեղ Գրիգոր Տղան անմտադրութեամբ կը խառնէ Եւտիքէսի անունն ալ, որ կանուխէն նզովուած էր Հայոց եկեղեցիէն: Յետոյ Աթանաս Աղեքսանդրացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Գրիգոր Աստուածաբանի, Բարսեղ Կեսարացիի, Յովհան Ոսկեբերանի, Կիւրեղ Երուսաղէմացիի եւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի վկայութիւններով, եւ Պերֆեռիոս իմաստասէրի խօսքերով, երկարօրէն բացատրութիւններու կը մտնէ բնութիւն բառին փիլիսոփայական իմաստին` եւ Քրիստոսի պատշաճեցնելու մասին, որպէս զի ցուցնէ թէ հնար է երկու բնութիւն բացատրութիւնը ներել, առանց երկու Քրիստոսներ զատելու նեստորական դրութեամբ: Կաթողիկոսին այդ ամէն ճիգը նպատակ ունի միայն` Յոյները շահիլ ներելի չեզոքութեամբ մը, եւ մոլարս եւ տգէտս չկոչել ազգ մը` որուն մէջ ճոխանայ գիտութիւն եւ պայծառանայ եկեղեցի, ապա թէ ոչ ինքն ալ կ՚ուզէ ազգային աւանդութիւնը պաշտպանել, եւ համարձակ կը գոչէ. Հայ եմ ճշմարիտ եւ աներկբայ սրտիւ, միայն թէ չի կարծեր որ Հայ եկեղեցին վտանգուի այդ զիջողութիւնն ընելով: Բոլոր տարաձայնութեան կէտը Մարդեղութեան խորհուրդին մէջ` միաւորութեան կերպն էր, թէ անձի վրայ միայն, թէ ոչ անձի եւ բնութեան վրայ միանգամայն կատարուեցաւ միաւորութիւնը: Որովհետեւ Արեւելեայք ըսեր էին, Եթէ յաղագս անշփոթ միաւորութեանն այլ ինչ իցէ բան, Աստուծոյ է գիտելի, կաթողիկոսը կը պատասխանէ, հաւատամ եւ ես, եւ ասով կ՚ուզէ խնդիրը կարճել (ԸՆԴ. 320): Զիջողութիւնը պաշտպանելու համար կը յիշէ Լուսաւորչին Կեսարիա եւ Հռոմ, Արիստակէսին Նիկիոյ ժողովին, եւ Ներսէսին Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին երթալը, եւ Սահակին Եփեսոսի ժողովին համաձայնիլը: Սակայն դժբախտաբար անստոյգ պարագաներ ալ կը խառնէ պատմականներուն: Քաղկեդոնի ժողովին մասին ալ չ՚ուզեր Դէոսկորոսի եւ Կուզ Տիմոթէոսի եւ Գայլ Պետրոսի հետեւիլ, որոնք ոչ Անեցի էին եւ ոչ Ձորոգետացի, ոչ Վաղարշապատեցի եւ ոչ Դըւնեցի, եւ ոչ Հայադաւանք լեզուաւ եւ ազգաւ (ԸՆԴ. 322) որ անոնց հետեւելու պարտաւոր ըլլայինք: Միաբանութեան աշխատողներուն մէջ կը յիշէ Յովհան Օձնեցին, Գրիգոր Վկայասէրը, Բարսեղ Անեցին, եւ իր հօրեղբայրները Գրիգորն ու Ներսէսը, սակայն այստեղ ալ պէտք էր գիտենար, որ ասոնցմէ եւ ոչ մէկը յանձնառու եղած էր ընել այն զիջողութիւնը, որուն ինքն յանձնառու կ՚ըլլար: Ուրիշ շատ բացատրութիւններ ալ տալէ ետքը այդ մասին, վերջաբանին մէջ ետ կ՚առնէ բացարձակ զիջողութեան պահանջը, եւ կ՚առաջարկէ միայն խնդիրը քննութեան ենթարկել, քանի որ Յոյներ միանգամ եւ երկիցս այդ առաջարկը կ՚ընեն: Խոյս տալը քաջութիւն չէ, կ՚ըսէ, պարտ է արիաբար ընդդէմ կալ նոցա, կամ հաւանիլ կամ հաւանեցուցանել, եթէ երկու բնութիւն ասեն չարաչար, ըմբերանեսցուք եւ յանդիմանեսցուք, եւ եթէ դարձցին` ընկալցուք եւ շահեսցուք (ԸՆԴ. 328): Այդ նպատակին համար արտաքին պատճառ մըն ալ կը յիշէ, թէ գոն յոլովք ընդ իշխանութեամբ նոցա ի մերային ազգէ քրիստոնեայք, որոնք նեղութիւն կը կրեն այս անհամաձայնութեան երեսէն, որ թէեւ փոքր ինչ թեթեւացաւ այժմ Մանուէլի մշակած միութեան առաջարկով, բայց կատարեալն ոչ է բարձեալ, եւ լաւ գործ մը ըրած կ՚ըլլանք, եթէ նոցա օգնեմք (ԸՆԴ. 329): Այսպէս կը փակէ Գրիգոր Տղայ իր վիճաբանական, բայց աւելի յորդորական պատասխանը: Ժամանակագրական պահանջից համեմատ յարմար է 1178-ին դնել այդ նամակին գրութիւնը, որ թուական չի կրեր:

1008. ՀՌՈՄԿԼԱՅԻ ԺՈՂՈՎԸ

Այդ թուականէն գրեթէ տարի մը եւս կ՚անցնի մինչեւ որ Հռոմկլայի ժողովը կը գումարուի 1179 զատկին, սակայն այդ միջոցին տեղի ունեցած անցուդարձերը յայտնի չեն մեզի: Հարկաւ կաթողիկոսական նամակին դաւանական եւ իմաստասիրական բացատրութիւններէն շատ աւելի ազդեցին անոր վերջին խօսքերը, այն է զիջողութիւն ընելու առաջարկը մէկ կողմ թողուլ, ազատ կերպով խնդիրը քննութեան ենթարկել, մէկ կողմէն ուղղադաւանը եւ միւս կողմէն օգտակարը նկատի առնել, եւ հաւանիլ կամ հաւանեցուցանել: Կաթողիկոսը Ձորագետացիներուն ներկայութիւնը անհրաժեշտ ըլլալը յայտնելու համար յիշած էր եւս, թէ Արարատցիներ եւ Կարնեցիներ ու Տարոնեցիներ նեղեալ եւ զզուեալ են ի հարկապահանջ բռնակալացն (ԸՆԴ. 328), եւ չեն կրնար տեղերնէն շարժուիլ: Այսպէս թէ այնպէս Հայաստանի եպիսկոպոսներուն գլխաւորներէն շատեր յանձն առին կաթողիկոսին ստիպման համակերպիլ, եւ ազգին եւ եկեղեցւոյն համար կարեւորագոյն երեւցած գործը զանց չընել, որով թերեւս հնար պիտի ըլլար ծանր եւ դժուարին կացութեան ալ դարման մը ընել: Հետզհետէ հասնողներ Հռոմկլայ հաւաքուեցան 1179 մեծպահքին մէջ, եւ կատարեալ զփրկագործ աւուրս չարչարանաց ի միասին, ի սուրբ պասաքայն, որ կը հանդիպէր Ապրիլ 1-ին, ժողովի գումարուեցան, եւ պարապեցին ի քննութիւն գրեցելոց թղթոց, որ եկած էին կայսրէն եւ յունական սիւնհոդէն, եւ զորս արդէն քաղեցինք (§1000, 1001): Ժողովականներուն թիւը շատ չէր, ընդ ամէնն 33 ստորագրութիւններ միայն յառաջ բերուած են (ԸՆԴ. 981), սակայն ստոյգ է որ յամենայն գաւառաց ներկայացուցիչներ կային (ԸՆԴ. 180):

1009. ԺՈՂՈՎԻՆ ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ

Գրիգոր կաթողիկոս ժողովին գլուխն էր, եւ իրեն հետ էր Ստեփանոս Աղուանից կաթողիկոս, որ յիշուած է Մխիթար Գօշի յիշատակարանին մէջ (ՀԱՅ. 406), եւ պետք է Գրիգորիսի յաջորդը եղած ըլլայ(§ 936): Հիւսիսային Հայաստանէ եկած էին Բարսեղ արքեպիսկոպոս Անւոյ, որ ընդդիմադիրներուն պետն էր 1003), Բասիլիոս Տփղիսի, Ստեփանոս Սիւնեաց, Յովսէփ Դըւնայ, Խաչիկ Նախիջեւանի, եւ Խաչատուր Կարսի եպիսկոպոսներ, վերջինս նոյնիսկ Շնորհալիի ձեռնադրածը պէտք է ըլլայ 979): Հարաւային Հայաստանէն եկած էին Ստեփանոս Բզնունեաց, Գէորգ Մանազկերտի, Դաւիթ Տարոնի, Ստեփանոս Ծոփաց, Ղազար Հեր եւ Զարեւանդի եւ Ստեփանոս Սալմաստու եպիսկոպոսները, վերջինը Դրանն Պարսից կոչումն ալ կը կրէ, իբրեւ Պարսկահայոց համար ընդհանուր հսկող մը: Այսպէս, Աղուանից կաթողիկոսն ալ համրելով` 13 եպիսկոպոսներ եկած կ՚ըլլան ներքին գաւառներէն: Կիլիկիոյ եպիսկոպոսներէն ներկայ եղած են Գրիգորիոս Անտիոքի արքեպիսկոպոսը, որ պէտք է Ապիրատը եղած ըլլայ 998), եւ Ներսէս Տարսոնի արքեպիսկոպոսը որ է Լամբրոնացին: Ասոնց հետ նաեւ Յովհաննէս Անարզաբայի, Բասիլիոս Սելեւկիոյ, Գրիգոր Սամոստիոյ, Դաւիթ Մամեստիոյ, Թադէոս Կիպրոսի, Թէոդորոս Աշմուշատի, եւ Գրիգորիոսի Կոկիսոնի եպիսկոպոսները, ընդամէնը ինը բուն Կիլիկեցիներ: Ասոնց հետ պէտք է համրել Սիւրիոյ եւ Միջագետքի եպիսկոպոսներն ալ, որք են. Սահակ Երուսաղէմի, Ստեփանոս Եդեսիոյ, Աստուածատուր Թէոդոսուպոլսոյ, Գէորգ Նփրկերտի, Կոստանդին Ապամիոյ եւ Սարգիս Լաւոդիկիոյ եպիսկոպոսները, որով Կիլիկիոյ հետ մօտէն յարաբերութիւն ունեցող եպիսկոպոսներ կ՚ըլլան 15: Չորս եպիսկոպոսներ ալ Իկոնիոնի սուլտանութեան սահմաններէն կային, եւ են, Յովհաննէս Կեսարիոյ, Յակոբ Մելիտինոյ, Պսակ Սեբաստիոյ, եւ Կոստանդին Նէոկեսարիոյ: Դիտելի է որ կաթողիկոսը դիտմամբ ուզած պիտի չըլլայ Կիլիկեցի եպիսկոպոսներու թիւը շատցնել, ինչ որ դժուար բան մը չէր, որպէսզի ազդեցութիւն կամ ճնշում բանեցնելու երեւոյթ չառնէ, այնպէս որ իրմով մէկտեղ Կիլիկեցիները կ՚ըլլան 16, իսկ Կիլիկիոյ ազդեցութենէն ազատ եղողներ 17. եւ պատշաճ հաւասարակշռութիւն տուած կ՚ըլլայ միութեան միտեալ եւ միութենէ խորշող խումբերուն մէջ: Վարդապետներու անուններ չեն տրուած, բայց անշուշտ Սեաւլեռնեցիներէն խումբ մը ներկայ եղած է, քանի որ յիշուած է հարց եւ վարդապետաց, քահանայից եւ կրօնաւորաց ժողովի մէջ գտնուիլը (ԸՆԴ. 193): Ամենայն հաւանութեամբ Հաղբատացիներէն ալ ոմանք (ՏՂԱ. 50) եկած են: Միայն Սանահնեցիներ Գրիգոր Տուտէորդիի գլխաւորութեամբ հաստատ մնացած կ՚երեւին իրենց դիմադրութեան մէջ: Ներկայ եղած են նաեւ Ասորւոց կաթողիկոսէ ղրկուած վարդապետք եւ իմաստուն արք (ԸՆԴ. 180): Միայն իշխաններուն անունները յիշուած չեն. ոչ Կիլիկիոյ Ռուբէնը, եւ ոչ Լամբրոնի Հեթումը, անձամբ կամ պատուիրակով մասնակից եղած չեն ժողովին, հաւանաբար Հռոմկլայի իրենց թեւարկութենէն դուրս ըլլալուն պատճառով:

1010. ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Հռոմկլայի ժողովին գործերը յատուկ կերպով մեզի հասած չեն, Լամբրոնացին ինքն ալ, որ ժողովին ներկայ էր, եւ որ միութենական խնդիրներուն վաւերագիրերը հաւաքած է` պատմական ծանօթութիւններ ալ աւելցնելով, այս մասին բան մը չի գրեր. եւ կը գոհանայ յառաջ բերելով երկու ժողովական թուղթերը, որք պատրաստուեցան իբր պատասխան կայսեր եւ սիւնհոդին նամակներուն (ԸՆԴ. 181-189), եւ զորս յետոյ պիտի վերլուծենք: Ժողովին տեւողութիւնն ալ ճշդուած չէ, բայց երկարատեւ եղած պէտք է ընդունիլ, վասնզի մինչեւ որ համաձայնութիւն մը գոյանայ եւ ժողովական գիրեր պատրաստուին եւ թղթատարը ճամբայ ելլէ Մանուէլի մահը տեղի ունեցաւ 1180 Սեպտեմբեր 27-ին (ԸՆԴ. 200), կամ 25-ին (ՅԱՅ. 89), որ է ըսել ժողովին բացուելէն 18 ամիս ետքը: Ժողովական գործեր չգտնուելուն վրայ, ոմանք այդ ժողովին պատշաճեցուցին Լամբրոնացիի նշանաւոր ատենաբանութիւնը, Ով հարք սուրբք սկզբնաւորութեամբ (ՏՂԱ. 95-205), որ միութեան խնդիրին ի նպաստ եռանդուն եւ պերճաբան յորդորական մըն է, օտարներու գովաբանութեամբ, եւ ազգային գործերու քննադատութեամբ: Մեզի զարմանալի պիտի չերեւէր Կալանոսէ կազմուած այդ կարծիքը (ԿԱԼ. 325), քանի որ ներելի էր անոր` իբր օտարազգիի, հայկական գրութեանց եւ եղելութեանց մասին ճիշդ գաղափարներ չունենալ, սակայն չենք գիտեր ինչպէս Չամչեան եւ Ալիշան ալ կրցան յայտարարել, թէ սոյն այս 1179 տարւոյ Հռոմկլայ ժողովին մէջ խօսած է Լամբրոնացին իր հոգիաշունչ (ՉԱՄ. Գ. 123) եւ հռչակապանծ (ՍԻՍ. 87) ատենաբանութիւնը: Ատենաբանութեան ճակատը յայտնապէս յիշուած է, յաստուածախումբ եւ ի տիեզերական ժողովն Տարսոնի, եւ Տարսոն ոչ Հռոմկլայ է եւ ոչ Հռոմկլայի մօտ է, եւ այդ միջոցին տակաւին Հայոց քաղաք ալ չէր, եւ Յոյներու իշխանութեան ներքեւ էր: Դարձեալ ժողովը գումարուած կ՚ըսուի ի Քրիստոսապսակ արքայէն Հայոց Լեւոնէ (ՏՂԱ. 93), իսկ Լեւոն պսակուեցաւ 20 տարի ետք 1199-ին, եւ 1179-ին իշխանապետ իսկ չէր, եւ Ռուբէն Բ. ի իշխանութեան օրովն էր գումարումը, թէպէտ առանց Ռուբէնի գործակցութեան: Իսկ Գրիգոր կաթողիկոս մը, եղբօրորդի սրբոյն Ներսէսի Կլայեցւոյ, ոչ միայն Գրիգոր Տղան էր, այլ եւ Գրիգոր Ապիրատն ալ, որ 1194-ին ընտրուեցաւ եւ 7 տարի պաշտօնավարեց: Բաց աստի եթէ Լամբրոնացին այսպիսի ատենաբանութիւն ըրած ըլլար 1179-ին, միթէ չէր յիշեր զայն Հռոմկլայի ժողովին յիշատակութեան առթիւ, որուն վրայ ինքն իսկ կարեւոր տեղեկութիւնները տուած է (ԸՆԴ. 180): Դարձեալ այդ ատենաբանութեան մէջ տօներու տարբերութեան, խմորուն հացի, ջրախառն բաժակի, եւ միւռոնի նիւթին վրայ խօսքեր կան (ՏՂԱ. 178), եւ անոնց նկատմամբ ալ յարմարելու յորդորներ կը խօսուին (ՏՂԱ. 194), ինչ որ յարմար չի գար Հռոմկլայի ժողովին, ուր խնդիր չէր մնացեր ինն գլխոց վրայ, որ ծանր թուէր յաչս Հայոց (ԸՆԴ. 180), եւ կաթողիկոսն ալ կը պարծենար թէ անոնք այլեւս առաջարկ ըլլալէ դադրած են (ԸՆԴ. 314), եւ Լամբրոնացիին պէտք չէր մնար իր ատենաբանութեամբ անոնց վրայ ծանրանալ: Այդ դիտողութիւններ եւ բաղդատութիւններ կասկած չեն թողուր, որ Ով հարք սուրբք ատենաբանութիւնը` ոչ Հռոմկլայի ժողովին համար գրուած է, եւ ոչ անոր մէջ արտասանուած է: Այլ թէ ինչ նպատակով գրուած է, իր կարգին պիտի խօսինք:

1011. ԻՆՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Կալանոս ոչ միայն Լամբրոնացիին ատենաբանութիւնը Հռոմկլայի ժողովին կը վերագրէ, այլեւ իբր ժողովական գործ յառաջ կը բերէ, Գլխադրութիւնք Հոռոմոց կոչուած ինն առաջարկները, եւ Լուծմունք առընթեր եդեալք բացատրութիւնները, զանց չընելով` ժողովոյն Տարսոնի եւ Քրիստոսապսակ արքային Հայոց Լեւոնի անունները յիշել (ԿԱԼ. 331), առանց մտաբերելու, թէ 1779-ին ժողովը Հռոմկլայ գումարուած էր, եւ Լեւոն թագաւոր չկար այն թուականին: Հետեւապէս յայտնի է թէ Կալանոսի յառաջ բերած գրուածը Հռոմկլայի ժողովին գործը չէ, ուր ինն գլուխները նկատի չառնուեցան, նոյնիսկ Յոյներու հաւանութեամբ, եւ միայն բնութեանց խնդիրը որոշմանց առարկայ եղաւ: Ոչ ալ կրնանք հաստատել թէ Գրիգոր կաթողիկոսէ կանուխէն Յոյներու ուղղուած գրուած մըն է. վասնզի ինքը բնաւ այսպիսի ակնարկ մը ըրած չէ Մանուէլի ուղղած համառօտ նամակին մէջ, որով ինն գլուխները կը մերժէ (ԸՆԴ. 166), եւ կը մնայ կարծել թէ այն, ոչ 1179-ին այլ 1197-ին գումարուած Տարսոնի ժողովին կը պատկանի, կամ թէ որեւէ անպաշտօն մի գրուած էր, որ վերջէն վերջ այսպիսի ձեւ մը առաւ, ո՞վ գիտէ որու ձեռքով: Բայց այժմէն ալ գրուածը ծանօթացնելու համար` դիտել կու տանք, թէ անոր մէջ յառաջ կը բերուին կանուխէն առաջարկուած ինը գլուխները 983), եւ իւրաքանչիւրին հանդէպ կը գրուին Հայերուն ջատագովական պատասխանները: 1. Մի բնութիւն ըսող Եւտիքէսը, Դէոսկորոսը, Տիմոթէոսը եւ համախոհները նզովելու մասին, կը պատասխանուի թէ, Եւտիքէսը արդէն կը նզովենք. Դէոսկորոսը անկէ տարբեր գիտենք, եւ եթէ համախոհ է նզովեալ կ՚ըլլայ: 2. Մի բնութիւն բանաձեւը փոխելու եւ երկու բնութիւն ըսելու մասին, կը պատասխանեն, թէ մի բնութիւն խօսքը Աթանաս, Գրիգորներ, Կիւրեղ եւ Գերմանոս գործածած են, եւ իրենք նոր միտքով կը պահեն, բայց եթէ վասն խաղաղութեան եկեղեցւոյ հարկ ըլլայ փոխել, կը հաճին տեղի տալ (ԿԱԼ. 334): 3. Սուրբ Աստուած էն եա երը եւ խաչեցարը վերցնելու մասին կ՚ըսեն թէ այդ ձեւը Յոյներէն առած են, եւ տակաւին այսպէս արձանագրուած կայ Դամասկոսի եւ Մամեստիոյ մէջ (ԿԱԼ. 335), եւ Յոյներն են փոխողը: Այսուհանդերձ Քրիստոսի համար ըսելնին յայտնելու համար` կը զիջանին յայսմ մասին մեծի եկեղեցւոյդ հաւասարել (ԿԱԼ. 337): 5. Միւռոնը ձիթենիի ձէթէ կը հաւանին պատրաստել եթէ դիւրագիւտ լիցի (ԿԱԼ. 338): 6. Պատարագի նիւթերուն մասին կը հաւանին ջրախառն ընել. եթէ Յոյները հացը խմորուն չընեն (ԿԱԼ. 339): 7. Ժողովուրդին եկեղեցիէ դուրս աղօթելուն մասին կ՚ըսեն, թէ այն յառաջ եկած է Յոյներուն Հայերը ներս չընդունելէն, եւ Հայերուն մեծ եկեղեցի շինելու միջոց չգտնելէն, այլ թէ ժողովուրդը ներս կ՚ընդունին` երբ մեծ եկեղեցիներ շինեն: 8. Վերջին չորս ժողովները ընդունելու համար կը սպասեն որ Յոյները հաստատեն թէ անոնք առջի երեքին հակառակ չեն (ԿԱԼ. 340): 9. Կաթողիկոսներու ընտրութիւնը կայսերական հաստատութեան ենթարկելու համար պայման կը դնեն, որ Անտիոքի աթոռը Հայերուն ըլլայ, եւ Հայոց կաթողիկոսը չորս պատրիարքներէն մէկը սեպուի (ԿԱԼ. 341): Այս պատասխաններուն հետ Յոյներէն ալ կը պահանջեն հետեւեալ կէտերը. 1. Մեղուցեալներ կանոնական դատաստանէ եւ ապաշխարութենէ ետքը ձեռնադրուին: 2. Յանցաւոր եկեղեցականներ արժանի ապաշխարութենէ ետքը նորէն ընդունուին: 3. Ներքինիներ չձեռնադրուին: 4. Պատարագի հացը բաղարջ գործածեն: 5. Պատարագի հացին մնացորդը չթաղեն, եւ վերջէն տաք ջուր չգործածեն: 6. Կրօնաւորներ եւ քահանաներ պահքի մէջ ձուկ ու գինի չճաշակեն: 7. Հայոց կաթողիկոսը Անտիոքի պատրիարք ճանչցուի (ԿԱԼ. 344): Այդ ամէնը թէպէտ յառաջ բերուած են իբր բանք ժողովին Հայոց (ԿԱԼ. 346), սակայն ինչպէս ըսինք, Մանուէլի մահուընէ առաջ գումարուած Հռոմկլայի ժողովը այս խնդիրներով չզբաղեցաւ. եւ մենք սոյն գրութիւնները քաղեցինք պարզ տեղեկութեան համար, որ կրնայ լուսաբանել Հայերուն մէջ տիրող տեսութիւնները:

1012. ԿԱՅՍԵՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Հռոմկլայի ժողովէն իբրեւ վաւերական գործ ունինք երկու պաշտօնական թուղթերը, մէկը կայսեր եւ միւսը յունական սիւնհոդոսին ուղղուած, եւ զորս պահած է Լամբրոնացին իր հաւաքածոյին մէջ: Մանուէլի ուղղուած նամակը կը գրեն Գրիգորիս կաթողիկոս Հայոց, եւ սուրբ ժողովս, եւ նախ կ՚ողջունեն կայսրը. հանդերձ Մանուէլածին եւ Մանուէլապարգեւ անդրանկաւ Ալեքսիոսիւ (ԸՆԴ. 181): Անմիջապէս կը շեշտեն թէ ձայնակից ուղղափառութեան է սուրբ եկեղեցիս Աստուծոյ որ ի մեզ, եւ ոչ եթէ նորոգ եմուտ ի մեզ ուղղափառութիւնդ, այլ զոր ունէաք, նոյն եւ յայտնեցաւ: Յետոյ կը յիշեն իրենց ճանչցած ժողովները, այսինքն Նիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եփեսոսի, զորս ընդունած են Արիստակէս, Ներսէս եւ Սահակ հայրապետներու ձեռքով: Կը յիշեն եւս Անկիւրիոյ, Կեսարիոյ, Նէոկեսարիոյ, Գանգրայ, Լաւոդիկիոյ եւ Սարդիկիոյ ժողովները, իբրեւ ուղղափառ ժողովներ, եւ ա'լ առջեւ չեն անցնիր: Նզովուած հերձուածողները յիշուած ատեննին, Արիոսի, Մակեդոնի, Պօղոս Շամշտացիի, Նեստորի, Եւտիքէսի անունները կու տան, եւ վրայ կը բերեն հանգանակ մը յատուկ խմբագրութեամբ կազմուած (ԸՆԴ. 184), եւ կ՚անցնին երկարօրէն բացատրել իրենց դաւանութիւնը վասն անպարմանալի միաւորութեան Բանին (ԸՆԴ. 185): Կը հերքեն անոնք որ յոմն եւ յոմն տրոհելով զմի տէր Յիսուս Քրիստոս ` միաւորութիւնը կը ջնջեն: Սուրբ Գիրքէն եւ սուրբ հայրերէն վկայութիւններ կը բերեն զմիութիւն անճառ խառնման Բանին եւ մարմնոյն հաստատելու, եւ միշտ ի վերայ երկուց միացելոց (ԸՆԴ. 189) կը բացատրեն վկայութիւնները, բայց երբեք երկու բնութիւն բացատրութիւնը չեն գործածեր: Յովհաննէս Իմաստասէր կաթողիկոսի ճառը կը յղեն կայսեր, որ իմանայ թէ ուղղափառութիւնը Հայոց մէջ ի հարցն առաջնոց իջանէ (ԸՆԴ. 191): Յունաց դաւանութեան մասին համամտութիւն կը ցուցանեն, վկայելով թէ ի համագումար մեր ժողովս ընթերցեալ` սրբոց հարցն ձայնակից գտաք (ԸՆԴ. 190), եւ խաղաղութիւն հաստատելու փափաքով կը վերջացնեն: Ժողովական որոշումները ամփոփելով կը տեսնենք, որ իրենց բանաձեւը չեն փոխեր, այլ միայն Յոյներուն երկուքութենէն կը հեռացնեն նեստորական բաժանումը, ինչպէս որ Հայերուն միութենէն ալ կը հեռացնեն եւտիքական շփոթութիւնը, եւ այդ հիման վրայ կը հաստատեն կատարուելիք խաղաղութիւնը, իւրաքանչիւր կողմը իր աւանդութեան մէջ թողլով:

1013. ՏԱՐԲԵՐ ՕՐԻՆԱԿ

Այս ժողովական գրութեան մի տարբեր պատճէնը հրատարակուեցաւ վերջերես (93 ԱՐՐ. 27), Գրիգոր Պահլաւունիի անունով, բայց պարունակութիւնը բաղդատելով` նոյնինքն Գրիգոր Տղայի գրութեան հետ նոյն ըլլալը կը տեսնուի: Միւս կողմէն Պահլաւունի կոչումը ազգանուն մըն է, որ ամենուն կը պատկանի հաւասարապէս: Տարբերութիւններուն առաջինն է, ժողովները յիշելուն կարգը, այսպէս, Նիկիոյ, Անկիւրիոյ, Կեսարիոյ, Նէոկեսարիոյ, Գանգրոյ, Անտիոքայ, Լաւոդիկիոյ, Սարդիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եփեսոսի, ուր միայն Անտիոքայն է աւելցած: Երկրորդ տարբերութիւնը հերձուածողաց յիշողութեան մէջն է, ուր անունով կը յիշուին, Արիոս, Մակեդոն, Պօղոս Սամոստացի, Փլաբիանոս, Ապողինար, Նեստոր, Թէոդորոս, Դիսդորոս, Իբաս, Ակակիոս, Բարծումայ, Վաղենտիանոս, եւ Եւտիքէս, որով ութը աւելի անուններ կան: Նկատելի է մանաւանդ Փլաբիանոսի անունը: Վերջապէս Քաղկեդոնի վրայ յայտնի ակնարկ մը կայ, ըսելով, թէ ի մերոց ոմանց չունիմք աստ ինչ դնել բանս, ոչ բարի եւ ոչ չար, եւ ի լրոյ լսածնին յիշելով կ՚աւելցնեն. որ եթէ այդպէս իցէ, ասեմք թէ ոչ իբրեւ զիմաստունս խորհեցան: Կ՚երեւի թէ այս առաջին ձեւ մըն էր պատրաստուած, յայտնի հակաքաղկեդոնիկ ուղղութեամբ, որ վերջին խմբագրութեան ատեն աւելի մեղմացած է:

1014. ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Սիւնհոդին ուղղուած նամակին մէջ Յունաց պատրիարքին անունը չի յիշուիր, որովհետեւ Միքայէլ մեռած էր 1177-ին, եւ Հռոմկլայի ժողովն ալ լուրը առած էր (ԸՆԴ. 193). այլ կ՚երեւի թէ յաջորդին մասին ստոյգ լուր չունէին, որովհետեւ Քարիտոն մէկ տարիէ մեռած էր 1178-ին, եւ հաւանաբար չէին ալ իմացած Թէոդոս Ա. -ին ընտրութիւնը: Նախապէս կը յայտարարեն թէ Յոյներուն նամակէն ապահովուեցան թէ անոնք նեստորական չեն, որով, կ՚ըսեն, բժշկեցան միտք մեր ի զրպարտելոյն: Անկէ կ՚անցնին իրենց դաւանութիւնը բացատրել Քրիստոսի բնութեան եւ կամքին եւ ներգործութեան վրայ, եւ իրենց խօսքերուն մէջ ամենէն նշանակելի է. Խոստովանիմք համաձայն ձեզ` ի Քրիստոսի անճառ միութիւնն երկու բնութեան տեսութիւն` բացատրութիւնը (ԸՆԴ. 196): Հայոց եկեղեցին երկու բնութիւն ըսելէ կը խորշի, ինչպէս Հռոմկլայի ժողովն ալ զգուշացած է զայն գործածել, վասն զի երկու ըսելը, զատ զատ ըմբռնելու իմաստը կու տայ: Սակայն ոչ բնութիւնները շփոթած եւ ոչ մին կամ միւսը ոչնչացած կ՚իմանայ, այլ միայն կը պնդէ թէ աստուածային ու մարդկային բնութիւններն ու կամքերն ու ներգործութիւնները` միշտ միաւորեալ եւ միացեալ կերպով պիտի ըմբռնուին, որպէսզի նեստորական բաժանման գաղափարը հեռացուի: Այդ կէտը բացատրուած էր Շնորհալիին առաջին գրութենէն սկսելով 951), եւ Հայերուն ծրագիրն էր միութիւնը նուիրագործել միտքերու համաձայնութեանը վրայ, որ Յոյները երկու բնութիւն ըսեն եւ Հայերը զիրենք նեստորական չկարծեն, եւ Հայեր մի բնութիւն ըսեն եւ Յոյներ զիրենք եւտիքական չկարծեն, եւ իրարու հետ համարձակ եւ կատարեալ հոգեւոր հաղորդակցութիւն ունենան, իրար չհալածեն եւ չբռնադատեն: Մանուէլ կայսր այս միտքերը ընդունելով, բանաձեւն ալ կը պահանջէր, բայց Հռոմկլայի ժողովը միտքերուն հաւանութիւնը հաստատեց, իսկ յունական բանաձեւը չընդունեց, Քաղկեդոնի ժողովը չճանչցաւ, Լեւոնի տոմարին չհաւանեցաւ, եւ նորէն ընդհանուր կերպով իր միտքը բացատրեց. եւ այդչափով գոհացաւ: Հայերու այդ միջին ճամբան` Հայաստանէ եկող եւ Կիլիկեան ազդեցութենէ դուրս եղող եպիսկոպոսներուն կարծիքն էր` որ տիրեց, եւ կաթողիկոսը կը յուսար անշուշտ այդչափով կայսրն ալ համոզել, որ աւելին չպահանջէ, ինչպէս յաջողած էր ինն գլուխներու առաջարկը ետ առնել կամ գոնէ յետաձգել տալ: Այս տեղ անգամ մըն ալ պէտք է դիտել տանք, որ այդ վաւերական գիրերը, յայտնապէս կը հերքեն Կալանոսէ յառաջ բերուած անվաւեր գրուածները, զորս լոկ տեղեկութեան նպատակով վերեւ յիշեցինք 1010):

1015. ՄԱՆՈՒԷԼԻ ՄԱՀԸ

Ժողովական երկու գիրերը տանելու թղթատարս պատրաստեաց կաթողիկոսը, որոնց ով ըլլալը յիշուած չէ (ԸՆԴ. 200), սակայն Մանուէլ յանձնարարած էր առաքել ի ձեռն պատուական եպիսկոպոսաց (ԸՆԴ. 175), եւ հարկաւ այդպէս ալ կարգադրած է կաթողիկոսը: Սակայն թղթատարները չկրցան Կեսարիայէ անդին անցնիլ վասն խռովութեան ճանապարհի, եւ ստիպուած դարձան յետս, եւ մինչ Գրիգոր կաթողիկոս հնարէր վերստին զընթացսն, այսինքն է թղթատարներ ուրիշ ճամբով ղրկել, Մանուէլ կայսեր մահուան գոյժը հասաւ, որ 1180 Սեպտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ (ԸՆԴ. 200): Իբրեւ սուրբի վախճան մը կը նկարագրէ Լամբրոնացին Մանուէլի մահը, որ խոստովանութեամբ լեզուի եւ հառաչանօք սրտի Թէոդոս հայրապետէն արձակումը խնդրէ: Մեռնելէն ութ օր առաջ կրօնաւորի սքեմ կ՚առնէ կատարեալ ծիսական օրհնութեամբ, կայսերական անկողինէն իջնելով ի վերայ պրտուեղէնի կը պառկի, պալատականներու տեղ կրօնաւորներով կը շրջապատուի, եւ զաւուրս եօթն այսպէս ապրելով կը մեռնի: Նոյն իսկ յուղարկաւորութիւնն ալ կրօնաւորաց խոնարհ կերպարանօք կը կատարուի, եւ ոչ կայսերական ճոխութեամբ (ԸՆԴ. 201): Այս է հարկաւ պատճառը որ անոր մահուան տարեդարձը, եւ ոչ տօնը, Յայսմաւուրքին մէջ ալ անցած է սեպտեմբեր 25-ին (ՅԱՅ. 89), թէպէտ նորը Յունիս 22-ին կը նշանակէ (ՅԱՍ. Բ. 265): Սակայն Մանուէլի մասին այդ գովելի յիշատակը ընդհանրացած պէտք չէ կարծել, վասն զի ուրիշներուն տեսութեամբ, ինչպէս անունն նեռինն` դերաքրիստոս կոչի, այսպէս եւ սորայս, տարորոշ եւ հեռի ամենայնիւ գործս եւ ի կրօնս Էմմանուէլի, Մանուէլ կոչուած է կ՚ըսուի (ԿԻՐ. 70): Մանուէլ յայտնապէս ալ կ՚ամբաստանուի, թէ սպան զկին իւր դեղով վասն ամլութեան նորա (ՄԻԽ. 444), թէպէտ անկէ դուստր մը ունեցած էր (ՄԻԽ. 486) եւ էառ արտաքոյ օրինացն կին երկրորդ զդուստր տեառն Անտիոքայ (ՄԻԽ. 444), որ հռոմէադաւան էր: Այս պատճառով թէպէտ Ալեքս Բ. Կոմնենոս, Մանուէլի որդին երկրորդ կնոջմէն, 12 տարեկան կայսր հռչակուեցաւ մօրը խնամակալութեամբ, բայց երբ մայրը անկաւ ի պոռնկութիւն (ՄԻԽ. 486), Անդրոնիկոս Կոմնենոս խնամակալ անուանուեցաւ, եւ սա ալ տղան խեղդել տալով ինքն կայսր հռչակուեցաւ 1183-ին, բայց ինքն ալ իր բռնութիւններով ատելի դարձաւ եւ Իսահակէ ձերբակալուելով խուժանին զայրոյթին յանձնուեցաւ, որ զայն խեղդամահ սպաննեց 1185-ին, եւ Իսահակ կայսր հռչակուեցաւ Իսահակ Բ. Անգեղոս անունով: Այս խռովութիւններն են զորս Լամբրոնացին կ՚ողբայ իր հաւաքածոյին վերջը, եւ զայնս յերից ամաց սկսեալ ըսելով (ԸՆԴ. 201) կը յայտնէ ծանօթութեանց 1183-ին գրուած ըլլալը:

1016. ԲՆՈՒԹԵԱՆՑ ԽՆԴԻՐԸ

Մեծ խորհուրդս այս եկեղեցւոյ խաղաղութեան ` անկատար մնաց, կը գրէ Լամբրոնացին, միութենական ձեռնարկին ակնարկելով, եւ կը յարէ թէ չիք այժմ յոյս ի ձեռն ուրուք գալ յաւարտումն (ԸՆԴ. 201), իրաւ անկէ ետքն ալ` ոչ յոյս ծագեցաւ եւ ոչ իրողութիւն կատարուեցաւ, եւ մեր տեսութեամբ` կատարուիլն ալ հնար չէր: Որեւէ ձեռնարկի յաջողութեան համար, պէտք է կանխաւ հաստատուն կռուան մը ունենալ, եւ անկեղծապէս երկու կողմէն նոյն ուղղութեամբ գործել, ինչ որ կը պակսէր մինչեւ հիմայ բացատրուած ձեռնարկին մէջ: Հայեր եւ Յոյներ բոլորովին տարբեր գաղափարներ ունէին միութեան մասին, ինչպէս դիտել տուինք, բայց աւելորդ չէ անգամ մըն ալ շեշտել, քանի որ հիմնական եւ կարեւոր խնդիրի մը շուրջը կը դառնայ խօսքը: Հայեր դաւանական պարտաւորիչ կէտերը քիչցնելով, եւ վարդապետական շատ մը կէտեր երկրորդական համարելով, իրենց համոզմամբ կրնային եկեղեցական միութիւն եւ հոգեւոր հաղորդակցութիւն հաստատել բոլոր քրիստոնէից հետ, որ այդ էական կէտերու մէջ կը միանային. եւ այդ կէտերն էին երեք առաջին սուրբ ժողովներով հաստատուած` Երրորդութեան եւ Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան խորհուրդները: Քրիստոսը` մարդացեալ Բան, ու Աստուած եւ մարդ, եւ մարդկային փրկութեան համար մարմնացեալ ընդունելէն ետքը, Հայուն համար երկրորդական էր փնտռել թէ միաւորութիւնը անձին վրայ եղաւ թէ բնութեան վրայ: Իրենք աւելի ապահով եւ նախնի հարց գործածած բացատրութեանց համաձայն կ՚ըմբռնէին միաւորեալ մի բնութիւն բանաձեւէն չհեռանալ, բայց եթէ ուրիշներ նոյն միտքով երկու բնութիւն ձեւը գործածէին, կը զիջանէին անոնց չհակառակիլ, միայն թէ անոնք ալ իրենց չհակառակին: Այդ սկզբունքին յայտնի եւ պայծառ բացատրութիւններն են Հռոմկլայի ժողովին երկու պաշտօնագիրները, զորս վերլուծեցինք 1012-1014), եւ որոնց մէջ քաղկեդոնիկները ի զուր կը փնտռեն իրենց ուզածը հաստատող ոեւէ բացատրութիւն մը, բայց եթէ թոյլատու հաւանութիւն մը իրենց տեսութեանց մէջ մնալու, տրուած բացատրութեանց ներքեւ: Այդ գիրերուն մէջ ալ ոչ Քաղկեդոն կը յիշուի եւ ոչ տոմար, ոչ երկու բնութիւն բանաձեւը, եւ ոչ անոր ընդունելութիւնը: Բովանդակ եղածը հայադաւանութեան թոյլատու դրութեան կատարեալ յայտարարութիւնն է: Միայն զանց կ՚ընեն Քաղկեդոնի եւ քաղկեդոնիկներու դէմ նզովքները եւ հերքումները, ինչ որ շատ բնական էր, վասն զի նզովքները խօսուած ու գրուած էին, երբ Յոյներուն կողմէն նախապէս նոյները արձակուած էին Հակաքաղկեդոնիկներու դէմ: Բայց այն վայրկեանէն որ կայսրն ու պատրիարքը ու սիւնհոդոսը պաշտօնապէս կը յայտարարէին, թէ սխալ կարծիք ունեցեր են Հայոց վրայ, եւ բարձրաբարբառ կ՚ընդունէին անոնց ուղղափառութիւնը, ոչ իբրեւ մոլորութենէ դառնալու, այլ կանխապէս ուղղափառ եղած ըլլալու պայմանով, Հայերուն ալ դժուար չէր նոյն վկայութիւնը տալ Յոյներուն համար, եւ նզովաբանութիւնները դադրեցնել:

1017. ՈՒՐԻՇ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Միեւնոյն էր Հայոց տեսութիւնը շատ մը ծիսական, տօնական, եւ արարողական կէտերու վրայ, զոր օրինակ պատարագի եւ միւռոնի նիւթերը, եւ տէրունական տօները, որոնք բնաւ քրիստոնէական կրօնքի եւ հաւատքի էութեան չէին դպչիր. եւ ամէն ազգային եկեղեցի կրնար իր սովորութիւնները պահել, առանց ուրիշները համակերպութեան ստիպելու, եւ առանց տարբեր սովորութիւններէ խրտչելու: Սակայն այսպէս չէր Յոյներուն համոզումը, որոնց նպատակն էր ամէն եկեղեցիները իրենցին մէջ ձուլել, եւ ամէնքն ալ իրենց հնազանդութեան եւ հպատակութեան ներքեւ մտցնել: Ինն նշանաւոր գլուխները շատ լաւ կ՚արտայայտեն անոնց ծրագիրը եւ անոնց նպատակը: Եթէ Գրիգոր Տղայի նամակին հետեւանօք, բոլոր գլուխներուն վրայ լռելով միայն երկու բնութիւն բանաձեւին վրայ ամփոփեցին իրենց պահանջները, անոնք լաւ գիտէին, որ անգամ մը Հայերը հպատակելու ճամբուն մէջ մտցնելէն ետքը, դժուար պիտի չըլլար հետզհետէ պայմանները եւ պահանջները շատցնել, մինչեւ որ իրենց կատարեալ նպատակը իրականացնեն: Հայեր, կամ աւելի լաւ իրենց առաջնորդներ, միամտաբար կը կարծէին, որ իրենց թոյլատու ու ներողամիտ հոգին պիտի կարենան Յոյներուն ալ փոխարկել, եւ այս կերպով հաստատուած միութեան շնորհիւ քրիստոնէական տեսակէտով ընդհանուր խաղաղութիւն հաստատել, եւ ազգային տեսակէտով իրենց դժուարին կացութեան համար օգուտներ քաղել: Երեք են մինչեւ հիմա մեր դէմը ելլող միութենասէր անձերը, Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Տղայն, եւ Ներսէս Լամբրոնացին: Շնորհալին որ նախասկիզբն է, բոլորովին սուրբ սկզբունքներով զգածեալ մաքուր հոգի մըն է, որ գործին տեսլականովը յափշտակուած, կ՚ուզէ եկեղեցիները միաւորել, բայց երբեք յունադաւան կամ հռոմէադաւան ըլլալու չի զիջանիր, հայադաւան մըն է բառին ամենախիստ առումով: Գրիգոր Տղայն քայլ մը առջեւ կ՚անցնի իր հօրեղբօրմէն, նա յանձն կ՚առնէ պարզ չէզոքութիւն մը եւ դիմացինը հրապուրելու դիտմամբ, ինչ ինչ կէտերու մէջ իր իրաւունքէն ալ հրաժարիլ, եւ օրինաւոր պայմաններու մէջ ալ զոհողութիւններ ընել, որպէսզի ցանկացեալ խաղաղութիւնը հաստատուի, եւ ակնկալեալ օգուտը իրականանայ, որուն պէտքը աւելի զգալի էր դարձած: Իսկ Լամբրոնացին անկէ ալ առջեւ անցնող մըն է: Նա մօտէն ուսումնասիրելով օտարներու մէջ տիրող եկեղեցական կարգ ու սարքը, որ քաղաքական լաւագոյն վիճակի արդիւնք էր, եւ բաղդատելով Հայերուն մէջ տիրացած անկարգութեանց հետ, որոնք հետեւանք էին քաղաքական աննախանձելի ու վարատական ու արկածալից կացութեան, կը սկսի սիրահարուիլ ուրիշներու մօտ տեսածին, եւ հետեւելով իր երիտասարդական տարիքին, զի 1180-ին հազիւ 29 տարեկան էր, եւ բնութեան խառնուածքին, որ բուռն էր եւ յանդուգն, չի կասիր զիջողական միջոցներու դիմելէ եւ համարձակ յայտարարութիւններէ, որով եւ առիթ կ՚ընծայէ ներքին դիմադրութեանց եւ գժտութեանց: Լամբրոնացիին այդ ընթացքը հետզհետէ պիտի բացատրուի գործողութեանց շարունակութեանը մէջ, սակայն այժմէն կը կանխենք յայտնել, թէ մեծապէս կը սխալին անոնք, որ Լամբրոնացիին մէջ յունադաւան կամ հռոմէադաւան մը տեսնել կը կարծեն:

1018. ՏՈՒՏԷՈՐԴԻՆ ԵՒ ՏՂԱՅՆ

Մեզի հասած է ուրիշ նամակ մըն ալ, Գրիգոր Տղայէ Գրիգոր Տուտէորդիի գրուած, որ Սանահինի առաջնորդն էր, թէպէտ նամակին խորագիրին մէջ սխալմամբ Հաղբատի առաջնորդ յիշուած է(ՏՂԱ. 5): Նամակը թուական չի կրեր, պատմական պարագայ մըն ալ յայտնապէս յիշուած չէ, որ գրութեան ատենն ու առիթը վստահօրէն ճշդէինք, բայց մեր զննութիւններն հաւանական կը ցուցնեն ըսել, թէ Հռոմկլայի ժողովին գործը հաճոյ չեղաւ Տուտէորդիին, որ բացարձակապէս կը հակառակէր Յոյներուն առաջարկները նկատի առնել, եւ ամէն կերպով անոնցմէ հեռու մնալ կ՚ուզէր, ինչպէս ինքն ալ ժողովին չէր եկած, երբ իրեն համամիտներէն ոմանք եկած էին, եւ գլխաւորապէս Անիի արքեպիսկոպոս Բարսեղը: Ուստի ժողովին հաւաքուելուն առթիւ դիտողագիր մը ուղղեց կաթողիկոսին, որ չունինք, եւ կաթողիկոսն ալ ժողովին վերջանալուն պատասխանեց Տուտէորդիին` իրեն եւ ժողովին գործը ջատագովելով: Այդ մեր տեսութիւնը կը հիմնենք գլխաւորապէս այն ակնարկներուն վրայ, զորս կը գտնենք Տղային նամակին մէջ. թէ Տուտէորդին ըսած ըլլայ, եթէ ոչ գոյ հրաման գլխոյն եւ առաջնորդին` ժողով առնել եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց, եւ պարապիլ աստուածայնոց բանից քննութեանց (ՏՂԱ. 24) եւ թէ յաղաքս Հաղբատայ եւ Անեցւոյ բան մեղադրական գրած ըլլայ (ՏՂԱ. 50), ինչ որ կը կապուի Բարսեղ Անեցիին ժողովին ներկայ ըլլալուն, նոյնպէս Հաղբատի վարդապետներէն ալ ոմանց, թէպէտ անուննին որոշակի յիշուած չէ 1009): Նամակին լեզուն կծու է եւ խիստ, երգիծական դարձուածներով ալ լեցուն, մինչեւ իսկ կաթողիկոսին վեհութեան հետ անհամաձայն, եւ այս մեզ կը թելադրէ ըսել, թէ նամակին խմբագրութիւնը Լամբրոնացիին գրիչէն ելած պէտք է ըլլայ: Հաւանաբար սոյն այս գրութեան կ՚ակնարկէ Լամբրոնացին, երբոր կը յիշէ թէ այլ անգամ եղեւ այս հարկս, Տուտէորդիի գիրերուն պատասխանելու հարկը, եւ տուաք գրոց սրբոց վկայութեամբ (ՏՂԱ. 210), ինչպէս այս թուղթին մէջ կը տեսնուի: Կաթողիկոսին դառնալով, որչափ ալ պատրաստական կ՚ընծայէ նա զինքն լսել բան խրատական ի ծերագոյն հօրէ, սակայն բոլորովին տարբեր կը գտնէ Տուտէորդիին թուղթը, զոր հրամայողական, խռովարար, թշնամանասէր, սուտասկասպաս, եւ ըստ հացկատակացն բանից գրուած կը դատէ, եւ կը մեղադրէ թէ չզանգիտիս յերկնահանգէտ աթոռոյս եւ աթոռակալէս (ՏՂԱ. 9), եւ այսպէս երկարօրէն կը շարունակէ կծու յանդիմանութիւնները: Իր ուղղութիւնը կը բարձրացնէ եւ իրեն կը պատշաճեցնէ Քրիստոսի խօսքերը, եւ կ՚եզրակացնէ, թէ սուտ էին խոստմունք առ Պետրոս, թէ ի վերայ այդր վիմի շինեցից զեկեղեցի իմ, եւ դրունք դժոխոց զնա մի' յաղթահարեսցեն. արդ յաղթահարեցաւ եւ կորեաւ (ՏՂԱ. 20), եւ թէ սուտ է Որդին Որոտման, եւ իրաւ է Որդին Տուտեայ (ՏՂԱ. 21): Տուտէորդիին գործածած` տումարն երկաբնակին Լեւոնի բացատրութիւնը կը քաշքշէ, երկաբնակ բառը բնակ արմատին տանելով, եւ տոմար բառին համարողական կամ հաշուական իմաստ տալով (ՏՂԱ. 23), ինչ որ աւելի իմաստակութիւն է, քան թէ լուրջ ընդդիմաբանութիւն: Մի բնութիւն բանաձեւին մասին Տուտէորդիին գրածները հերքելու համար աւետարանէն եւ հայրերէն վկայութիւններ կը բերէ. Քրիստոսի վրայ աստուածային եւ մարդկային բնութեանց միանգամայն գտնուիլը հաստատելու, սակայն Տուտէորդիին հայադաւանութիւնն ալ երբեք այդ ճշմարտութիւնը ուրացած չէր, այլ անոնց միաւորեալ ըլլալը պնդած էր, եւ զատ զատ երկու ըսուիլը մերժած, որով Տղային նամակին հիմը կը կործանի: Վերջապէս կաթողիկոսը` ինքն քաղկեդոնիկ երեւցած չըլլալու համար կը յայտարարէ, թէ զՔաղկեդոն ոչ գիտեմ, եւ ոչ զԼեւոն ճանաչեմ, զօրէնսն նոցա ոչ գիտեմ, եւ դատող մեղաց նոցա ոչ լինիմ (ՏՂԱ. 50): Բայց այդ առթիւ պէտք չէր, որ այլեւս այնպէս կծու կերպով Տուտէորդիին դէմ յարձակէր, եւ անոր հետ յարաբերութիւնը խզէր, թէ յայսմհետէ դադարեսցէ քոյն առ ի մէնջ գիր եւ բան, մինչեւ լռեալ դադարեսցես ի հպարտութեան ախտէդ (ՏՂԱ. 519), ինչ որ աւելի վիճաբանութենէ խուսափելու ձեւ մըն է, քան ուղիղ մտադրութեան հետեւանք: Այս կէտերն են որ մեզ եւս քանզեւս կը համոզեն Լամբրոնացիին բուռն գրիչը տեսնել, քան կաթողիկոսավայել վեհ ու խոհական ոճը: Իսկ գործին էութեան մասին, եթէ Տուտէորդին գովելի չէր իր բացարձակ ընդդիմադրութեամբ եւ բանակցութենէ իսկ խուսափելովը, գովելի չի կրնար ըլլալ իր ընդդիմաբանն ալ` իր կրքոտ եւ իմաստակ բացատրութիւններովը:

1019. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆՔ

Յոյներու հետ միութենական բանակցութիւնները վերջնականապէս փակուեցան: Ալեքսիս մանուկ եւ Անդրոնիկոս բռնակալ կայսրերը կարող իսկ չէին այսպիսի խնդիրներով զբաղիլ, Իսահակ Անգեղոս ալ 1185-ին գահակալելով, բոլորովին տարբեր ուղղութիւն բռնեց, ոչ եւս բանակցելով եւ համաձայնելով, այլ բռնութեամբ եւ ուժգնութեամբ Հայերը քաղկեդոնականութեան հպատակեցնելով. իսկ առաջին ձեռնարկը կայսրութեան ներքեւ եղողներուն վրայ սկսանի փորձել: Այս նպատակով յարոյց հալածանս եւ չարչարանս հայադաւան ազգաց, զյոլովս դարձոյց ի կրօնս իւր, ուր եւ զայլս հալածականս արար, կային երեք եպիսկոպոսի աթոռք եւ հազարվեցհարիւր քահանայք, զորս ի մի հաւաքեալ բռնադատէր (ՎԱՐ. 133): Բանակցութեանց վերջանալուն հետ, Հայ իշխաններուն ակնկալութիւնն ալ վերջացաւ` յունական հովանաւորութեամբ զօրանալու մասին, եւ գլխաւորաբար Կիլիկիոյ իշխանապետն Ռուբէն` Լատիններուն կողմ դարձուց իր մտադրութիւնը: Անձամբ Երուսաղէմ գնաց 1181-ին, եւ այնտեղ Լատիններուն հետ խնամութիւն հաստատեց, Քարաքայ եւ Թորոնի իշխան Հիմֆրիսին Իզապէլ աղջկան հետ ամուսնանալով (ՍԻՍ. 58): Երուսաղէմէն դառնալուն Տարսոնը գրաւեց Յոյներուն ձեռքէն, եւ այս պատճառով թշնամացաւ Լամբրոնի իշխան Հեթումի հետ, որ տակաւին Յոյներուն կողմը կը պաշտպանէր: Ռուբէն Լամբրոնն ալ պաշարեց 1183-ին, եւ տարի մը եւ աւելի նեղեց ամուր դղեակը, որ իր ազատութիւնը գտաւ միայն, Ռուբէնի նենգութեամբ կալանաւորուելովը Անտիոքի Բոյեմոնդոս իշխանէն: Ոմանք այդ ձերբակալութիւնը ի սադրելոյ իշխողին Լամբրոնի եղած կարծեցին (ՍԱՄ. 140), ինչ որ հաւանական չէ, Լամբրոնի եւ Անտիոքի մէջ նախապէս բարեկամութիւն հաստատուած չըլլալով, եւ աւելի հաւանական է ուրիշներու տուած պատճառը, թէ Բոյեմոնդոս այդ ըրաւ, որովհետեւ արար սէր ընդ Սալահադնին (ՄԻԽ. 491). քանի որ տարի առաջ Ռուբէն յաջողած էր ընկրկել Սալահէտտինի արշաւանքը: Բայց առանց այս պատճառի ալ, անօրինակ բան մը չէր այն ատեններ` այս տեսակ նենգութիւններով իրարմէ դրամ շորթել ու երկիր գրաւել: Ռուբէն կ՚ամբաստանուի իբրեւ պարապեալ վավաշոտ ցանկութեանց եւ պոռնկական խորհրդոց, եւ այս նպատակով Անտիոք գացած ուտել եւ ըմպել ընդ պոռնիկ կանայս: Այս պարագայէն կ՚օգտուի Բոյեմոնդոս, Ռուբէնը կալանաւորելու, եւ կը թողու միայն 1185-ին` Սարուանդիքար եւ Թիլ եւ Ճկեր բերդերը գրաւելով, եւ Ռուբէնի մայրն ալ պատանդ առնելով, մինչեւ որ նա հազար եդկան ոսկի (ՍՄԲ. 104), կամ հարիւր հազար եդկան (ՍԱՄ. 141), գումար մըն ալ վճարէ: Այս առթիւ է որ Լամբրոն ալ պաշարումէն կ՚ազատի: Ռուբէնի կալանաւորութիւնը տեւած է ամառն մի բովանեակ (ՄԻԽ. 492), եւ այդ միջոցին Բոյեմոնդոս փորձած է բոլոր Կիլիկիոյ տիրապետել, բայց չէ յաջողած: Վասնզի Լեւոն` Ռուբէնի եղբայրը, երբեմն եղբօրմէն կասկածած եւ Կոստանդնուպոլիս գացած, բայց շուտով հաշտուած եւ 1182-ին դարձած (ՍՄԲ. 104), բանակին գլուխը անցնելով ուժգին դիմադրութիւն է ըրած (ՍՄԲ. 141). եւ Բոյեմոնդոս գոհացած է վերոյիշեալ պայմաններով Ռուբէնը արձակել, եւ այնուհետեւ խաղաղութիւն հաստատուած է Կիլիկիոյ եւ Անտիոքի իշխանութեանց մէջ, եւ բարեկամական յարաբերութիւններ շարունակած են մինչեւ Ռուբէնի մահը, որ տեղի ունեցաւ 1187-ին: Իրեն յաջորդեց եղբայրը Լեւոն` Ստեփանէի եւ Ռիթայի կրտսեր որդին, որ էր բարի եւ աննենգ բնութեամբ, ժամանակակիցներու վկայութեան համեմատ (ՍՄԲ. 105) եւ կարող եւ ճարտար ըլլալը ցուցուց Կիլիկիոյ իշխանապետութիւնը թագաւորութեան բարձրացնելով: Ռուբէնի համար ըսուած է թէ մեռնելէ առաջ` նախ կրօնաւոր եղեւ օրհնեալ (ՍԱՄ. 142), որ Մանուէլի նմանութիւնն էր 1015), եւ եղբօրը յանձնարարեց ոչ յօտարուստ փեսայ ածել եւ ոչ հարսն (ՍԱՄ. 142), այլ Լեւոն այս խրատին չանսաց:

1020. ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՂՈՒԿԻՈՍ.

Բայց տակաւին Ռուբէնի կենդանութեան եւ Յոյներու կողմէն ակնկալութիւններ վերջացած պահուն, երբ Անդրոնիկոսին օրով, զոր Վարդան` Իսահակ կը կոչէ (ՎԱՐ. 133), Հայեր Յոյներէ կը հալածուէին եւ անօգնական մնացեր էին, Գրիգոր կաթողիկոս Իսահակ կայսեր մօտ ըրած միջնորդութենէն արդիւնք մը չստանալով (ՎԱՐ. 133), Լատիններուն կողմէն նոր հովանաւորութիւն գտնելու համար մտածեց բուն իսկ անոնց գլուխին, Հռոմի պապին դիմել, գիտնալով թէ անոր խօսքը կրնար ազդել Արեւելքի մէջ գտնուող Լատիններուն վրայ, որոնք անոր յորդորներով ալ եկած էին: Կաթողիկոսին նամակը չունինք, բայց հարկաւ պապին սիրտը շինելու ամէն ձեւերով գրուած էր, իսկ նպատակը պաշտպանութիւն ուզել ըլլալը յայտնի է` պապին պատասխանին խօսքերէն. Այսուհետեւ սիրով եւ ճշմարիտ ոգւով եւ սրտիւ` եկեղեցիս Հռոմայ տեսուչ է ձեր եւ ժողովրդոյ ձերոյ (ՉԱՄ. Գ. 144): Պապը որուն կը դիմէր կաթողիկոսը` Ղուկիոս Գ. էր, Հռոմէ դուրս ընտրուած, եւ Հռոմ մտնելէ ետքն ալ Հռոմայեցիներէ վռնտուած, եւ Գերմանիոյ կայսրէն օգնութիւն ստանալու համար Վերոնա գացած, ուր 1184-ին հաւատաքննական առաջին ժողովն ալ գումարած` եւ նոյեմբեր 4-ին փակած էր (ՍԵՎ. Դ. 1172): Ճիշդ այս պարագային հոն կը հասնէր Հայոց կաթողիկոսին նուիրակը, Գրիգոր եպիսկոպոս Փիլիպպուպոլսոյ, հաւանաբար Յովհաննէս Ութմանի յաջորդը 974): Այդ պատուիրակութեան ելքին վրայ ունինք Ղուկիոսի պատասխանը, որ ծանօթ է ոչ բնագիրովը` այլ Լամբրոնացիէ կատարուած հայերէն թարգմանութեամբը: Նամակը գրուած է 1184 դեկտեմբեր 3-ին, եւ անոր մէջ եղած պաշտպանութեան խոստումը արդէն յիշեցինք. բայց աւելի շեշտուած են ծիսական փոփոխութեանց յանձնարարութիւնները, բաժակին ջուր խառնել, ծնունդը դեկտեմբեր 25-ին տօնել (ՉԱՄ. Գ. 143), միւռոնը ամէն տարի աւագ հինգշաբթիին օրհնել, եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնը կիրակի օր ընել, քահանայի եւ աւելի ստորին աստիճաններու ձեռնադրութիւնը տարին չորս անգամ եղանակներու պահքերուն շաբաթ օրերը կատարել: Այս յանձնարարութիւնները զարդարուած էին պապութեան յատուկ ճոխաբանութիւններով, եւ զօրացած էին պալիումի կամ սմոփորոնի եւ եպիսկոպոսական խոյրի ընծաներով, որոնք յանձնուեցան Գրիգոր եպիսկոպոսին, որ կաթողիկոսին տանի, Հռոմի ծիսական գիրքերուն հետ, անոնց հետեւելու համար (ՉԱՄ. Գ. 144): Այդ պարագան երկու գլխաւոր եղելութեանց սկզբնաւորութիւնն է տուած, մէկը Լատիններու հետ միութենական ձգտումներ մշակելու, եւ միւսը Հայ եկեղեցւոյ ծէսին մէջ ինչ ինչ լատինական նմանողութիւններ մտցնելու, զոր վայրապար ոմանք ուզած են Շնորհալիին անունին հետ կապել 990): Հարկաւ Լամբրոնացին նամակին հետ ծիսարաններու կտորներն ալ սկսաւ հայերէնի վերածել, որոնք հետզհետէ եւ աւելի Ապիրատի ժամանակէն սկսելով` գործածութեան մտան: Այս փոփոխութեանց գլխաւորներն են եպիսկոպոսական խոյրն ու գաւազանը, եւ քահանայութեան աստիճաններու թիւը, ձեռնադրութեան կանոնը, եւ պատարագի սկզբնաւորութիւնը, որոնց յիշատակը չի գտնուիր Լամբրոնացիի այդ թուականէն առաջ գրած Պատարագամեկնիչին: Եւ Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ ճառերուն մէջ: Վարդան այդ պատուիրակութեան մասին տարածուած զրոյցներն ալ կը կրկնէ, եւ իբրեւ պատիւ կը յիշէ պապին Գրիգոր եպիսկոպոսի ձեռքով հաղորդուիլը, եւ իբրեւ ընծայ կը յիշէ վակաս եւ պսակ եւ կօշիկ, որոնց առաջինները պէտք է իմանալ պալիումին եւ խոյրին վրայ: Կը գրէ եւս թէ պապը հրամայեց, որ Հայոց պատրիարքն յայնկոյս ծովու իշխանութիւն կալցի ի վերայ Հայոց եւ Յունաց եւ ամենայն ազգաց, որպէս մեք յայսմ կողմանէ երկնաւոր եւ երկրաւոր բանալեօք. ինչ որ յայտնապէս մտացածին դարձուած մըն է: Ոչ նուազ անհիմն է կարծելն ալ, թէ Ղուկիոս հաւաքեաց զկայսրն Ալամանաց եւ զթագաւորն Անկլիզաց եւ զթագաւորն Փռանցիսաց Հայոց պաշտպանութեան համար, ինչպէս նաեւ ոտք հանեց զպատրիարքն Ալամանաց, եւ զարքեպիսկոպոսն Սպանիոյ, եւ զարքեպիսկոպոսն սուրբ Յակոբայ, եւ զարքեպիսկոպոսն Մելանայ, որոնք 25. 000, 20. 000, 5000 եւ 36. 000 ձիաւորներ ունին եղեր իրենց ձեռքին տակ (ՎԱՐ. 134): Այդ վերջին կտորները ակնարկութիւն են երրորդ խաչակրութեան, որ սակայն տեղի ունեցաւ 1189-ին, մինչ Ղուկիոս Գ. մեռած էր 1185 Նոյեմբեր 25-ին Վերոնա (Verona) քաղաքին մէջ:

1021. ՕՐԲԵԼԵԱՆՆԵՐ ԵՒ ԱՆԻ

Ռուբէնի մահը եւ Լեւոնի յաջորդելը տեղի ունեցաւ նոյն տարին, որ Երուսաղէմի Լատին թագաւորութիւնն ալ վերջացաւ, եւ Սալահէտտին` Եգիպտոսի սուլթանը տիրապետեց Պաղեստինի նաեւ Ասորիքի, եւ Լատիններ ամփոփուեցան Անտիոքի մանր իշխանութեանց մէջ: Արեւելեան երկիրներու եւ բուն Հայաստանի մէջ ինչ ինչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, որոնց մանրամասնութիւնները մեզ մեր նպատակէն կը շեղեցնեն, եւ բաւական ըլլայ ըսել, թէ Վրացիք հետզհետէ կը զօրանային Պարսից սուլթաններուն հետ չափուելու չափ, եւ Անի, որ միշտ այդ կողմերուն կեդրոնը կը սեպուէր, ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէր Պարսից եւ Վրաց մէջ: Անիի արքեպիսկոպոսն էր Բարսեղ, եւ գլխաւորն էր իր եղբայրը Ապիրատ, որդիք Գրիգոր իշխանի, եղբօրորդիք Բարսեղ կաթողիկոսի, եւ Վասակ Պահլաւունիի թոռներ 866): Ապիրատ անգամ մը Կարսի ամիրայէն ալ ձերբակալուեցաւ, բայց եղբօրը միջնորդութեամբ ազատեցաւ (ՎԱՐ. 130), եւ երկուքը ձեռք ձեռքի տուած Հայաստանի կողմերը թէ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական ներքին իշխանութիւն կը վարէին, քանի որ Հռոմկլայի ժողովէն ետք աւելի եւս նուազած էին հայրապետական աթոռին հետ յարաբերութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ կը սկսէր պայծառանալ Հայ Ուռպելեանց տունը: Ասոնց նախահայրը կը սեպուի ի Քուրտ ազգէ գլխաւոր մը, որ Ձորոգետի իշխաններուն մօտ հատուած եղեալ, եւ հաւատալով Սարգիս կոչուած, եւ Խոշորնի բերդին տէր էր եղած: Սարգիսի որդին էր Զաքարէ, Զաքարէի Վահրամ, եւ Վահրամի Սարգիս (ՎԱՐ. 138), որ պահ մը Անիի կուսակալ եղաւ Վրաց կողմէն (ՎԱՐ. 127): Սարգիսի որդիներն էին Զաքարէ եւ Իւանէ, որոնք Վրաց Թամար թագուհիին սիրելի եղան, եւ սպասալար եւ աթապէկ, այսինքն զօրաց սպարապետ եւ արքունեաց հազարապետ անուանուեցան. եւ Վրացի Ուռպելեանց երկիրները ստացան, որոնք Գորգի թագաւորէն սպաննուած եւ նզովիւք անժառանգած էին (ՎԱՐ. 130): Հայ Ուռպելեանք եւսքանզեւս ընդարձակեցին Լօռիի իշխանութիւնը, եւ հետզհետէ գրաւեցին Շիրակը, Անբերդը, Անին, Բջնին, Դուինը, Կարսն ու Չարեքը: Իւանէ խաբեալ ի թագուհւոյն Թամարայ տկարացաւ հաւատն, այսինքն է յունադաւանութեան անցաւ, իսկ Զաքարէ մնաց ի սեպհական հաւատն, այսինքն է հայադաւան մնաց (ՎԱՐ. 138), միայն քանի մը կէտերու մէջ տիրապետող Վրաց ծիսական սովորութեանց համաձայնելու պէտքը զգաց, ինչպէս պիտի յիշենք:

1022. ԵՐՐՈՐԴ ԽԱՉԱԿՐՈՒԹԻՒՆ

Լեւոնի իշխանապետութեան սկիզբները յաջողութիւններով պսակուեցան, եւ քաջ եւ կարող իշխան մը յայտնուեցաւ գործի գլուխ անցնելուն առաջին օրէն, ինչ որ եղբօրը կալանաւորութեան միջոցին ալ տեսնուած էր 1019): Իրեն համար գրուած է թէ տիրեաց եօթանասուն եւ երկու բերդից, թէ զօրացաւ ի վերայ Յունաց եւ Պարսից, թէ ընդ հարկաւ արա զՂլիճասլան սուլտանն միջերկրեայ (ՎԱՐ. 133), այսինքն է Իկոնիոնի, եւ թէ Թուրքման հրոսակին գլուխ Ռոստոմը ձգեց յառաջ. եւ անոր գունդերուն զհետ մտեալ կոտորեաց զնոսա (ՍՄԲ. 105): Լատիններու հետ բարեկամութիւնը ամրապնդելու համար, էառ կին զդուստր եղբօրտիկնոջ բրնձին Անտաքու, այսինքն է Անտիոքի իշխանուհւոյն եղբօրորդին, որպէսզի տիկինն վասն ազգականութեան ` Լեւոնի պաշտպան ըլլայ: Աշխարհասէր անձերու ձիրքն է պատահարները կանխապէս ուսումնասիրել եւ անոնցմէ օգտուիլ. Լեւոն ալ ուզեց յօգուտ գործածել Ուրբանոս Գ. պապի նախաձեռնութեամբ սկսած շարժումը` որ է երրորդ Խաչակրութիւնը, որպէսզի Սալահէտտինէ գրաւուած Երուսաղէմը նորէն քրիստոնէից ձեռք անցնի: Փեդերկոս Բարբարոսսա, այսինքն է Շիկամօրուս, Գերմանիոյ կայսրը, Փիլիպպոս Օգոստոս` Գաղղիոյ թագաւորը. եւ Հռիքարտա Առիւծասիրտն` Անգղիոյ թագաւորը, յանձն առին անձամբ Երուսաղէմ երթալ իրենց բանակներով. բայց Փեդերիկոս միայն կանխեց եւ Փոքր Ասիա հասաւ 1190-ին, շատ նեղութիւն կրելով Յունաց կայսեր Իսահակի նենգամտութենէն եւ Իկոնիոյ սուլթան Գըլճասլանի զինեալ դիմադրութենէն: Ուրբանոս Գ. որ Ղուկիաս Գ. յաջորդելով, Երուսաղէմի առման գործին վրայ քրիստոնէութիւնը զէնքի հրաւիրած էր. քիչ ետքը մեռաւ նոյն իսկ 1187 տարին, Գրիգոր Ը. հազիւ ամիս մը պաշտօն վարեց. եւ իրեն յաջորդը Կղեմէս Գ. էր պապը` երբ Փրեդրիկոսի արշաւանքը սկսաւ: Հայոց կաթողիկոսէն ղրկուած պատգամաւորութիւնը 1020), Լատիններուն ծանօթացուցած էր հայոց քրիստոնեայ իշխանապետութեան կարեւորութիւնը: Լեւոնի յաջողութիւնները նպաստաւոր արձագանգ ունեցած էին, ուստի Կղեմէս Գ. կանխեց գրել Հայոց կաթողիկոսի 1189 Մայիս 29-ին, որպէսզի խաչակիրներուն օգնէ, եւ ինքն անձամբ եւ ժողովրդեամբ որ յաշխարհդ արեւելից ` փութայ ի սուրբ տեղեացն ազատութիւն: Լեւոնի ալ գրեց իր ձեռքէն եկած օգնութիւնն ընել (ՉԱՄ. Գ. 156): Այս անգամ պապը դաւանական կամ ծիսական պայմաններ չէր առաջարկեր, եւ գիտնալով ալ որ Հայեր բնաւ նոր քայլ մը չեն առած, ի հաւատ կաթողիկէ հաստատեալ կը ճանչնար (ՉԱՄ. Գ. 155):

1023. ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

Կարծես թէ ամէն պարագաներ նպաստաւոր կը դառնային Լեւոնի մեծամիտ եւ մեծագործ նպատակին, իր իշխանապետութիւնը թագաւորութեան վերածել, եւ անոր սահմանները ընդարձակել, եւ Կիլիկիայէ յառաջանալով Հայաստանն ալ գրաւել, եւ տիրապէս Հայոց հին թագաւորութիւնը վերանորոգել, իբրեւ Բագրատունիներու թագաւորական ազգատոհմին ժառանգ: Լեւոն իշխանապետ, պապին նամակին եւ կայսեր մօտենալուն վրայ, իսկոյն Լամբրոնացին փութացուց Հռոմկլայ, որ կաթողիկոսէն գիրեր առնելով ու պատուիրակութիւն կազմելով կայսեր ներկայանայ: Ներսէս Լամբրոնացի, Յովհաննէս Սսեցի եւ Գէորգ Սկիւռացի, ճամբայ ելան Հռոմկլայէն քսան աշխարհական հետեւորդներով. բայց Պենտեկոստէին օրերը, որ այն տարին կը հանդիպէր Մայիս 13-ին, Գերմանիկիոյ մօտ Թիւրքմէն աւազակներէ թալանուեցան, եւ պարտաւորուեցան ետ դառնալ (ՍԻՍ. 447): Կաթողիկոս ինքն ալ մինչեւ Սիս եկաւ, եւ անկէ լուր ղրկեց կայսեր, որ Իկոնիոն էր, թէ մնամք քեզ աստ (ՎԱՐ. 136): Փրեդերիկոս Իկոնիոսը գրաւելէ ետքը կ՚իջնէր Սեւլեւկիա. մտադիր ըլլալով անկէ Տարսոն անցնիլ, ուր իշխանապետն եւ կաթողիկոսն մեծ ընդունելութիւն կը պատրաստէին: Լեւոն փութացած էր ուրիշ պատուիրակութիւն մը հասցնել կայսեր, զոր կը կազմէին Կումարտիաս եղբայրներ, Կոստանդ եւ Պաղտին, որոնք Փրեդերիկոսի հանդիպեցան Յունիս 8-ին, եւ Կայսրը գոհ եւ ուրախ Հայոց կողմէն գտած բարեկամութեան վրայ, դեսպաններուն կը յայտնէր թէ մտադիր է Հայոց դիրքը բարձրացնել: Գիր ալ կը յանձնէր կաթողիկոսին ուղղուած, թէ աստի ի հինգ ամ քո հրամանաւ կամիմ բանալ անդաստան Հայոց, եւ ապա գնամ յերկիրն իմ, եւ ահա ունիմ թագ եւ զգեստ, զի օծցես թագաւոր Հայոց զով ընտրես. եւ միանգամայն Գրիգորն ու Լեւոնը տեսնելու մեծ փափաք կը յայտնէր (ՎԱՐ. 136): Այդ մասին յետկար նամակի ոսկեկնքով ալ յղած ըլլալը ըսողներ կան (ՉԱՄ. Գ. 157): Սակայն երկու օր ետքը, Յունիս 10-ին, Փրեդերիկոս Սեւլեւկիայէն անցնող Կալիկադնոս գետի մէջ կը խեղդուէր, հունը անցնելու ատենը (ՍԻՍ. 448), զի ծերութեամբն ոչ կարաց ընդդէմ գալ յորձանացն, եւ հեղձաւ, ինչպէս Լամբրոնացին կը բացատրէ (ՉԱՄ. Գ. 158): Ստոյգ որ մեծ եղաւ Հայերուն տխրութիւնը, եւ մանաւանդ Լեւոնի ցաւը, ինչպէս նաեւ իր մտերիմ խորհրդականին` Ներսէս Լամբրոնացիին վիշտը, որ երկրորդ անգամ պատուիրակութեան ելած, նորէն կէս ճամբէն ձեռնունայն ետ դառնալու կը հարկադրուէր: Ամէնքն ալ անակնկալ կերպով կը կորսնցնէին իրենց այսչափ աշխատանքով պատրաստած մեծ յոյսը, այն է Լատիններու պաշտպանութեամբ եւ Փրեդերիկոս կայսեր հովանաւորութեամբ Հայոց իշխանապետութիւնը թագաւորութեան բարձրացնել, եւ ինքնիշխան տէրութեան առաւելութիւններով ճոխացնել: Որչափ ալ անհաւատալի չէ կարծել, որ Փրեդերիկոս ինքնայօժար որոշմամբ Հայերուն թագաւորութիւն տալու գաղափարը յղացած ըլլայ, սակայն աւելի հաւանական է ըսել, թէ այդ մասին առաջին մտածմունքը Լեւոնին կողմէն սկսած էր, եւ թէ Փրեդերիկոսի ցուցած քաղաքական բարեկամութենէն քաջալերուած, անոր նիւթական օգնութիւններ հասցնելէն եւ անոր բանակին Հայ գունդեր խառնելէն առաջ, պարտուպատշաճ փոխարինութեան պայմանն ալ ապահոված էր, եւ ստացած խոստումներուն վրայ միայն տաք կերպով Լատիններուն հետ կապուելու ձեռնարկած էր: Դեռ հաստատուած բան մը չկար, եւ Փրեդերիկոս Արեւելքի մէջ անցընելիք հինգ տարիներու վերջին կը թողուր իր խոստման պայմանաժամը, բայց Լամբրոնացին կայսրը չտեսած իսկ, սկսած էր լատին ծիսարանէն թարգմանելով` թագաւորօրհնէքի կանոնը պատրաստել: Պատմական եղելութիւնները լաւ իմանալու համար` պէտք է գիտնալ, թէ Հայոց իշխանապետը` Գերմանիոյ կայսեր կողմանէ թագաւոր հռչակուելով, կայսրութեան ճորտ աւատապետներու կարգը անցած պիտի ըլլար, եւ Եւրոպայի մէջ տիրող պաշտօնբաշխութեանց օրինակին հետեւողութեամբ ալ, պէտք էր որ կայսերական շնորհը պապական օրհնութեամբ վաւերացուէր: Այս է եւս քան զեւս Հռոմի մօտենալու ճիգերուն իսկական շարժառիթը:

1024. ԼԵՒՈՆ ԵՒ ԼԱՏԻՆՆԵՐ

Լեւոն չյուսահատեցաւ իր հետապնդած նպատակին մէջ: Դիմաւորեց Փրեդերիկոսի որդին, Փրեդերիկոսը, ըստ այլոց Կոնրադոս կոչուած, որ կը հետեւէր իր հօր դիակին` Անտիոքի մէջ թաղելու համար, եւ որուն յուղարկաւորութեան խառնուած էր Լամբրոնացին ալ իր պատգամաւոր ընկերներովը: Լեւոն Տարսոնի մէջ հանգստացուց կայսրորդին, Մամեստիոյ մէջ հիւանդութիւնը խնամեց, եւ Անտիոք երթալէ ետքը օգնեց Պտղոմայիսի պաշարման, ուր միացած էին Գաղղիոյ եւ Անգղիոյ թագաւորներն ալ: Բայց կրտսեր Փրեդերիկոսն ալ Պտղոմայիսի առջեւ մեռաւ, իսկ կայսրութիւնը անցաւ իր եղբօր Հենրիկոս Զ-ի: Լեւոն Պտղոմայիսի պաշարումէն անցաւ Կիպրոս, եւ օգնեց Հռիքարդոս թագաւորին Անգղիոյ, Կիպրոսը Յոյներէն գրաւելու, եւ Լատիններու հետ բարեկամութիւնը ամրապնդելէ, եւ իրեն աւարաբաժինն ալ առնելէ ետքը դարձաւ Կիլիկիա, ուր իր դիրքը հետզհետէ աւելի զօրացաւ: Անգղիացիք Կիպրոսը չպահեցին, այլ վաճառեցին զայն Գուիտոն Լուսինեանի, լատին իշխանին, որ առաջ Յոպպէի եւ Ասկաղոնի կոմս եղած էր, իսկ 1186-ին Երուսաղէմի թագաւոր հռչակուեցաւ Ամաւրի թագաւորին դստեր Սիպիլի հետ ամուսնանալով: Բայց միւս տարին Երուսաղէմ Սալահետտինէ առնուեցաւ, Գուիտոն ալ գերի ինկաւ, եւ ազատութիւն ստանալէ ետքը, 1192-ին Կիպրոսն առաւ Հռիքարդոսէ, եւ հոն հաստատուեցաւ, եւ երկու տարի եւս ապրեցաւ (ՀԵԹ. 80): Այդ Լուսինեան տունն է, որ վերջէն Կիլիկիոյ Հայ թագաւորութեան ալ տիրացաւ` խնամիական յաջորդութեամբ: Լատին թագաւորներ Սալահետտինի հետ հաշտութեան պայմաններ կնքելով, եւ ձեռուընին մնացած տեղերը ապահովելով ետ դարձան Եւրոպա, առանց Կիլիկիոյ Հայերուն համար նպաստաւոր պայման մըն ալ աւելցնելու, որով Սալահետտին ազատօրէն կրցաւ Հայոց դէմ դարձնել իր թշնամութիւնները, եւ թերեւս աղէտներ ալ պատճառէր, եթէ 1193 Փետրուարին մեռնելովը, Կիլիկիոյ վրայէն երկիւղալի վտանգը չփարատէր (ՍԻՍ. 451): Այսպէս Լեւոն կրցաւ ներքին հոգածութեան դարձնել իր ջանքերը, առանց մեծ նպատակը աչքէ վրիպեցնելու, եւ այդ դիտմամբ միշտ Լատիններու բարեկամութիւնը մշակելով:

1025. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԱՀԸ

Գրիգոր կաթողիկոս Սիս եկած էր անձամբ կայսեր հետ տեսակցելու 1023), բայց անոր մահուան գոյժին վրայ, եւ կրտսեր Փրեդերիկոսի հիւանդութեան առթիւ` Մամեստիա եկաւ կայսրորդւոյն վշտակցութիւն յայտնելու, եւ անկէ շիտակ Հռոմկլայ դարձած պիտի ըսէինք, ինչպէս շատերն ալ կը կարծեն, սակայն այդ եղելութեանց վրայ երկար ապրած չըլլալուն, եւ Սմբատի թաղեցաւ ի Դրազարկն ըսելուն (ՍՄԲ. 106), եւ Անեցիին ալ նոյնը կրկնելուն (ՍԱՄ. 13), վրայ հիմնուելով հաւանականագոյն է կարծել, թէ Գրիգոր Հռոմկլայ չգնաց, այլ Սիս մնաց Լեւոնի մօտ, եւ այնտեղ մեռաւ, որով իր մարմինը Դրազարկի մէջ ամփոփուեցաւ: Սմբատի եւ Անեցիի յայտնի վկայութեան դէմ, Գրիգոր Տղան Հռոմկլայի մէջ թաղուած ըսողներ, աղբիւրը չեն ցուցուցած (ՉԱՄ. Գ. 159): Իրաւ է որ Տղան իր հայրապետութեան ատեն շինեաց զգեղապաճոյճ եկեղեցին ի Կլայն, եւ զարդարեաց զնա մեծապէս (ԿԻՐ. 69), եւ անոր մէջ պատրաստեց զդիրս երկուց սուրբ լուսաւորչացն` զհօրեղբարցն իւրոց, եւ նաեւ զնշխարս մեծին Գրիգորիսի Վկայասէրի Ծովքէն հանելով, փոխադրեց եւ զետեղեց Հռոմկլայի տաճարին մէջ ընդ երկուց լուսաւորչացն, սակայն այդ պարագաները յիշող պատմիչն ալ` Տղային համար կը գրէ, թէ կայ հանգուցեալ ի սուրբ ուխտն Դրազարկ (ՍԱՄ. 139), որով կը հաստատէ Սիսի մէջ մեռած ըլլալը: Մահուան թուականը Սմբատ յատկապէս կը դնէ 1193, Մայիս 16-ին(ՍՄԲ. 106), որ ուրիշներէն թերեւս շփոթութեամբ Մայիս 25 (ՍԻՍ. 532) կամ Յուլիս (ՉԱՄ. Գ. 159) ըսուած է: Վասն զի մասնաւոր յիշատակարան մըն ալ կը հաստատէ մայիս 16 թուականը եւ Դրազարկի մէջ թաղուիլը (ՀԱՅ. 412):

1026. ՏՂԱՅԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Գրիգոր քսան տարի տեւողութեամբ բաւական երկար կաթողիկոսութիւն մը ունեցաւ, եւ նշանաւոր եղելութեանց ալ մասնակից եղաւ, այլ լրացեալ մեծագործութիւն մը չունեցաւ, եւ իր ամէն ճիգերը կէս ճամբան մնացին: Առաջ Յոյներու հետ միաբանութեան գործին հետեւեցաւ ամէն եռանդով, եւ Հռոմկլայի ժողովով կարծեց զայն գլուխ հանած ըլլալ, բայց անակնկալ պարագաներ ապարդիւն եւ անհետեւանք թողուցին ձեռնարկուած գործը: Հռոմկլայի ժողովին դաւանական որոշումները ոչ թէ Հայոց եկեղեցւոյ պաշտօնական եւ բացարձակ վճիռներն էին, այլ ընդհակառակն Յոյներու հետ փոխադարձ համաձայնութեան ծրագիրը կը կազմէին, եւ Յոյներուն պատասխանելէն եւ երկկողմանի համաձայնութեան յանգելէն ետքը պիտի վաւերացուէր: Այդ վերջաւորութիւնը տեղի չունեցաւ. Յոյներ Հայոց հակառաջարկը չտեսան եւ կարծիք չյայտնեցին, Հայերն ալ վերջնական միտք յայտնելու առիթ չունեցան, որով ծրագիրը իր ծրագիրի վիճակէն դուրս չելաւ եւ հաստատութիւն չստացաւ: Ըստ այսմ Հռոմկլայի ժողովին հեղինակութիւնը մեծ կշիռ չկրնար ունենալ Հայոց եկեղեցւոյ դաւանութիւնը ճշդելու մասին, եւ ի զուր կ՚աշխատին անոնք, որ Հռոմկլայի ժողովական թուղթերէն Հայերու քաղկեդոնիկ եղած, կամ քաղկեդոնականութեան մօտիկ եղած ըլլալը կ՚աշխատին քաղել: Այս մասին տեսութիւննիս արդէն բացատրած ենք 1016): Գրիգորի անունով Տուտէորդիին ուղղուած գիրն ալ, զոր արդեն վերլուծեցինք 1018), թերեւս իր հեղինակին վրայ մեղադրանքներ ալ հրաւիրէր, եթէ բծախնդրութեամբ նայէինք գործածուած խօսքերուն վրայ, բայց արդէն ըսինք թէ Գրիգորէն աւելի Ներսէսի գրիչը կը տեսնուի անոր մէջ: Բաց աստի կաթողիկոսին միտքը եւ նամակին ընդարձակագոյն մասը, աւելի համաձայնութիւն գոյացնելու սկզբունքին շուրջը կը դառնայ. եւ դաւանաբանական խնդիրին մասին, շատ նշանակական է` զՔաղկեդոն ոչ գիտեմ, եւ ոչ զԼեւոն ճանաչեմ (ՏՂԱ. 50) համարձակ յայտարարութիւնը: Յոյներու հետ բանակցութեանց անկատար մնալուն նման, անկատար նմաց Լատիններու հետ ձեռնարկած յարաբերութիւնն ալ: Ղուկիոս Գ. պապէն եկած գիրին, ինչպէս կ՚երեւի, պատասխան իսկ տրուած չէ, իսկ վերջէն պապին կողմէն եղած դիմումին եւ կայսեր հետ հաստատուած յարաբերութեանց մէջ, դաւանական խնդիրի խօսք անգամ եղած չէ: Պապեր եւ Լատիններ ալ զգուշացած են այդ կէտերը խառնել` միտուընին Հայերուն քաղաքական դիրքէն օգտուելու վրայ սեւեռած ըլլալով: Այսպէս հնար չէ Գրիգոր Տղայի հեղինակութիւնը իբրեւ փաստ գործածել, եւ անով Հայոց եկեղեցւոյն վրայ քաղկեդոնականութեան յարում գտնել, եւս առաւել, հռոմէադաւանութեան ընդունելութիւն նշմարել: Գրիգոր Տղան յաղթանդամ էր հաստատեալ արտաքին տեսքով (ՎԱՀ. 218), ներքինով ալ զօրաւոր եւ ձեռնարկու բնաւորութեան տէր պէտք է ճանչցուի, նոր եւ նշանաւոր գործերու ձեռք զարնող, թէպէտ պարագաներ իրեն չնպաստեցին: Եկեղեցական բարեկարգութեան ալ հետեւեցաւ, եւ պէտք է իրեն վերագրել Շնորհալիին յաւելուածներուն կամաց կամաց սովորական դառնալը եւ պարտաւորիչ ձեւ առնելը: Իրմէ եւ իր անունով կարգադրութեան մը` յայտնապէս յիշատակը չունինք, գրական արդիւնքներն ալ երկու երեք նամակի կը վերածուին, որոնք կրնան ալ իր գրիչէն ելած չըլլալ: Սակայն Պահլաւունիի եւ Շնորհալիի ձեռքին տակ` հայրապետանոցի մէջ ուսած եւ զարգացած անձի մը` մտաւորական կարողութեան տէր եղած ըլլալը անտարակուսելի կէտ մըն է: Իբրեւ զուտ գրական աշխատութիւն ունինք Երուսաղէմի ողբը, Շնորհալիին գրած Եդեսիոյ ողբին նմանութեամբ (ՀԻՆ. 685):

1027. ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ

Գրիգոր կաթողիկոս յորդորող ալ եղած է, որ ուրիշներ օգտակար երկասիրութիւններ պատրաստեն: Ասոնց մէջ նորութեամբը նշանաւոր է Մխիթար Հերացի բժշկապետին Ջերմանց մխիթարութիւն գիրքը, որուն համար հեղինակն ալ կը վկայէ, թէ Կաթողիկոսը պատճառն է գրոցս, եւ թէ գիրքը գրած է պատճառ առնելով այսմ աշխատութեան եւ զսէր եւ զյօժարութիւն սրբոյ եւ աստուածապատիւ կաթողիկոսին Հայոց տեառն Գրիգորի, որ մակակոչի Տղայ (ՀԵՐ. թ. ): Մխիթարի գործը գրուած է գեղջուկ եւ արձակ բարբառով, զի դիւրահաս լիցի ամենայն ընթերցողաց (ՀԵՐ. ժ. ), եւ սկզբնատիպ նմոյշ մըն է ժամանակին ռամկօրէնին, եւ առաջնապտուղ երախայրիք ժողովրդական գրութեանց: Աշխարհիկ դասակարգէ մատենագիրներէն, Մագիստրոսէ ետքը երկրորդ է Հերացին, գոնէ մեզի հասնողներուն մէջէն: Իր արուեստը, եւ հոռոմ եւ արապիկ եւ պարսիկ լեզուներու հմտութիւնը օգտակար ըրած է աշխատութեան, զոր պատրաստած է 1184 թուականին (ՀԵՐ. ժ. ), բայց չենք գիտեր թէ ինչչափ եւս ապրած է անկէ ետքը, որովհետեւ իր գործունէութիւնը աւելի կանուխ սկսած է: Շնորհալիին ժամանակէն անոր մտերիմն է եղած, եւ իրեն խնդրանօք գրուած են, Յաղագս երկնից եւ զարդուց նորա (ՉԱՓ. 281), եւ Այլաչափ տաղք (ՉԱՓ. 297) ոտանաւորները, որոնց երկրորդը Մխիթարի անունն ալ ունի իր սկզբնատառերով: Մեր մասնագիտութենէն դուրս է Հերացիին աշխատութեան ներքին եւ գիտական արժէքը լուսաբանել, բայց կրնանք իբրեւ մեծ վկայութիւն նկատել, որ եւրոպական գիտնականներէ մեծապէս գնահատուեցաւ, երբոր վերջերս, 1899 Յուլիս, Վահրամ Թորգոմեան բժշկապետ Փարիզի բժշկական մեծ կաճառին առջեւ արտասանած բանախօսութեամբը` զայն ծանօթացուց նոյն առաջնակարգ համախմբութեան, եւ որուն վրայ 1907-ին գերմաներէն թարգմանութիւնն ալ լոյս տեսաւ:

1028. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆ

Ազգային յիշատակները հաւաքելու, եւ յատկապէս նահատակներու անունները մոռացութեան մէջ չթողլու նպատակով` այստեղ պէտք կը զգանք յիշել Սարգիս Խաչենեցին, Գանձակի ամիրային հարկահաւաք պաշտօնեաներէն մէկը, որուն դէմ թշնամանալով Պարսիկներ, աւագ ուրբաթ օր մը խաչելով կը մեռցնեն ըսելով, Խաչակից լեր Քրիստոսին քում, ինչ որ հետեւցնել կու տայ ուրացութեան բռնադատուիլը եւ Սարգիսի հաստատամիտ հաւատքը: Միւս նահատակ մըն ալ կը յիշատակուի Յորդանան Կարնեցի, բնիկ ի տաճիկ տոհմէ, որ քրիստոնէութիւն ընդունած ըլլալուն, եւ իսլամութեան վերադառնալու չհաւանելուն համար, վկայեաց մեծ հանդիսիւ, կ՚ըսէ պատմիչը (ՎԱՐ. 132), եւ կը ցուցնէ թէ չարչարանքներէ եւ բանտարկութիւններէ վերջ գլխատուած է Կարին քաղաքի մէջ: Թաղուած է Սահակ եւ Յովսէփ իշխաններուն գերեզմանին մօտ, որ նոյնպէս տաճկութենէ քրիստոնէութիւն դարձած էին, 633), եւ Յորդանանի ազգական, այսինքն ազգակից կը սեպուէին (ՎԱՐ. 132):