Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Զ. ԱՊԻՐԱՏ

1039. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Քարաւէժի յաջորդութիւնը որոշուեցաւ առանց երկար ձեւակերպութեանց: Եւ զաթոռն էառ Ապիրատն (ՎԱՐ. 139), կամ Դրին կաթողիկոս զտէր Գրիգոր Ապիրատն (ՍՄԲ. 107) բացատրութիւնները, բացարձակ կամքի մը տիրապետելը կը յայտնեն, եւ այս ալ Լեւոնին կամքն էր, որ երբ երիտասարդին վրայ դրած ակնկալութեանը մէջ յուսախաբ եղաւ, աչքը դարձուց ծերունիին, իրեն հլու հնազանդ կաթողիկոս մը ունենալու համար: Գործը վերջացաւ Քարավէժի խնդիրին համար գումարուած Կիլիկեցիի եպիսկոպոսներով, ուր հաստատուեցաւ եւ օծուեցաւ Ապիրատը: Իբրեւ թուական պէտք է ընդունիլ 1194 տարւոյ վերջերը: Այդ ընտրութիւնը շատ հաճելի եղած չ՚երեւիր Լամբրոնացիին, ոչ այնչափ Ապիրատի անձին վրայ դիտողութիւն ունենալով, որչափ իրեն ետեւ մնալուն վրայ ցաւելով: Նա ինքն Լեւոնի կը գրէ, թէ այն ժողովին մէջ, որ Քարավէժի մահուընէ ետքը Սիսի մէջ գումարուած էր, ձեր հրամանին համաձայնեցայ, իբրեւ Աստուծոյ հրամանին, խորհրդակից չեղայ ձեր ըրածին, խնդիր ալ չուզեցի հանել, թէպէտեւ ունէաք մարմնական ժառանգակցութիւն ի նոյնն (ՏՂԱ. 225), եւ դուք ալ կը յայտնէիք թէ արժանի էի հայրապետութեան եւ պատուոյ (ՏՂԱ. 213): Բայց Լեւոն զգուշացաւ Լամբրոնացին առջեւ քաշելէ, ոչ միայն վախցաւ Արեւելեանները եւսքանզեւս գրգռել, այլ թերեւս կասկածեցաւ ալ` որ Լամբրոնացին բուռն բնաւորութեան տէր ըլլալուն, իր հրահանգներուն հետեւող եւ հրամաններուն գործադրիչ չ՚ըլլար, եւ կրնայ նորանոր դժուարութիւններ յարուցանել: Ընդհակառակն Գրիգոր Ապիրատ, արդէն 72 տարեկան եղած, տարիքի բերմամբ ալ ինքնագլուխ ձեռներէցութիւն չէր կրնար ցուցնել, միւս կողմէն բնաւորութեամբ ալ հեզ եւ հանդարտ մէկն էր: Որչափ ալ ան իր երիտասարդութիւնը զինուորական ծառայութեանց նուիրած էր, եւ իր հօր Շահան զօրաւարին ձեռքին ներքեւ աշխարհիկ կեանք անցուցած էր, եւ նոյնիսկ 30 տարեկան եղած ատենն ալ (ՉԱՓ. 306) Կոստանդնուպոլսոյ մէջ զուարթ կենցաղ կը վարէր, բայց անկէ ետքը եկեղեցականութեան նուիրուելովը, բնական հանդարտութեան եւ հեզահոգի բնաւորութեան տէր ըլլալը յայտնած էր: Ապիրատ կոչումը, որ Ծովքեցիներուն ճիւղին մէջ տոհմական անուն մըն էր, նոր կաթողիկոսին աւազանի անունն էր, որ ձեռնադրութենէն ետքը Գրիգոր անունին հետ մէկտեղ գործածուելով, պատմութեան մէջ սովորական դարձաւ իբրեւ մակդիր անուն:

1040. ԱՐԵՒԵԼԵԱՅՔ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ

Քարավէժի մահը եւ Ապիրատի ընտրութիւնը, շատ տխուր արձագանգ ունեցան Արեւելքի մէջ: Արդեն Հռոմկլայի ժողովին մէջ կազմուած փոխադարձ զիջողութեանց ծրագիրը Արեւելեայց հանրութեան հաճելի եղած չէր, բայց բացարձականապէս մերժել ալ չէին համարձակած, քանի որ իրենց գլխաւոր պետը Բարսեղ Անեցին եւ Հայաստանի եպիսկոպոսներէն քանիներ մասնակցած եւ ստորագրած էին: Բարեբախտաբար գործը ինքնիրեն ջնջուած էր եւ ծրագիրը Յոյներուն չէր յանձնուած, եւ բանակցութիւններ ալ դադրած էին Մանուէլ կայսեր մեռնելովը: Բայց միութենական ձգտումները աւելի կասկածելի եւ աւելի լպրծուն գետինի վրայ նորոգած էին Լատիններուն հետ, ուսկից անմասն էին Արեւելեայք, սակայն չէին համարձակած յայտնապէս ընդդիմանալ Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսին օրով, որ հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մըն էր: Ասոր վրայ իբրեւ յաջողութիւն ողջունած էին Քարավէժի ընտրութիւնը, եւ անոր մօտ չըլլալով, միմիայն հեռուէն կրցած էին զայն քաջալերել, իսկ Կիլիկեցիներ յաջողած էին դաւաճանութեամբ զայն մէջտեղէն վերցնել, եւ տեղը անցընել մէկ մը` որուն վրայ Արեւելեայք բնաւ վստահութիւն չունէին: Ասիկայ ընդարձակ ասպարէզ բանալ կ՚ըլլար այնպիսի մէկու մըն ալ` որ իրենց աչքին ազգային եկեղեցւոյն թշնամի եւ օտարներու ուխտեալ բարեկամ մը նկատուած էր: Այդ ամէնը սաստիկ յուզեց ամբողջ Արեւելքը եւ Արեւելեանները, նոյն ինքն Բարսեղ Անեցին, համարձակութիւն զգաց յայտնի դիմադրութեան գլուխն անցնիլ, որովհետեւ միութենական ձգտումները անցած էին այն գիծը` որուն ինքն Հռոմկլայի ժողովին մէջ համակերպած էր, իսկ Լատիններու հետ յարաբերութիւնները առանց Արեւելեայց մասնակցութեան սկսած էին: Անմիջապէս իրարու հետ խորհրդակցեցան Սանահնեցիք` որոնց առաջնորդն էր Գրիգոր Տուտէորդին, եւ Հաղբատացիք` որոնց առաջնորդն էր Դաւիթ Քոբայրեցին, եւ եպիսկոպոսներու խումբը` որուն գլուխը կը ճանչցուցէր Բարսեղ Անեցին: Որոշեցին ուժգին կերպով դիմել Լեւոնին, որուն վրայ վստահութիւն ունէին, կամ վստահութիւն ցուցնել պարտաւոր էին, բողոքելով Գրիգոր Ապիրատի կաթողիկոսութեան դէմ, որ առանց իրենց մասնակցութեան, եւ հակառակ իրենց ուղղութեան, կաթողիկոսութեան կոչուած էր, նոյնիսկ չորս աթոռներու հաւանութիւնը չստանալով 930): Ըստ այսմ կը պահանջէին որ Ապիրատի ընտրութիւնը չեղած համարուի, եւ նոր ընտրութեան ձեռնարկուի, եւ իրենց կողմէն կաթողիկոսցու կը նշանակէին Անւոյ եպիսկոպոս Բարսեղը, որ Կիլիկեցիներուն` հաճելի պէտք էր ըլլար, թէ իր Պահլաւունի տոհմակցութեամբը իբրեւ եղբօրորդի Բարսեղ Ա. Անեցի կաթողիկոսին, եւ թէ անոնց ծանօթ եւ անոնցմէ յարգանքի արժանացած ըլլալուն համար, քանի որ Հռոմկլայի ժողովին մէջ Աղուանից կաթողիկոսէն ետքը առաջին տեղը իրեն տրուած էր նոյն իսկ Ապիրատէն վեր (ԸՆԴ. 198): Միանգամայն կը պահանջէին որ Տարսոնի բոցեռանդն եւ երիտասարդ արքեպիսկոպոսը, Ներսէս Լամբրոնացին, արքունիքէն եւ հայրապետանոցէն հեռանայ, եւ Լեւոն այլ եւս զայն իբր խորհրդակից եւ գործակից չընդունի, եւ միանգամայն չներէ որ Ներսէս իր քմաց եւ իր մտաց համաձայն նորութիւններ մուծանէ եկեղեցական կարգադրութեանց մէջ:

1041. ԼԵՒՈՆ ՇԱՀԵՑՈՂ

Արեւելեաններուն այդ առթիւ գրած նամակները չունինք, որոնք այնչափ յուզած են Լամբրոնացին, որ մինչեւ իսկ լեզուի չափաւորութիւնը եւ քրիստոնէական հեզութիւնը մոռացութեան տուած է: Եւ ոչ ալ գիտենք նամակները բերող վարդապետին անունը, որ պաշտօն ունէր բերանացի ալ բացատրել Արեւելեայց գանգատները կատարուած եղելութեանց եւ Լամբրոնացին չէ ուզած իսկ անունը տալ այդ վարդապետին, այլ նախատական ոճով մը կը գրէ, թէ զրպարտեցին հրեշտակութեամբ միոյ մոնողոնի, որոյ եւ անունն Աստուծոյ էր անգիտելի (ՏՂԱ. 228): Լեւոն Արեւելեայց պատգամաւորութիւնը ընդունելով, իր սովորութեան համեմատ, կիսովի կերպերով երկու կողմերն ալ շահիլ ուզեց: Ապիրատի կաթողիկոսութենէն ետ չի կեցաւ, նկատելով զայն իբրեւ կատարեալ գործողութիւն, եւ թերեւս չուզելով ալ կաթողիկոս ունենալ մէկ մը` որուն վրայ իշխելու յոյս չունէր, եւ որ յայտնապէս իր հրահանգներուն պիտի չհնազանդէր: Բարսեղ Քարավէժէն շատ աւելի խիստ էր իր ուղղութեան մէջ, եւ աւելի մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Արեւելեայց օգնութեամբ եւ ազդեցութեամբ: Բայց բոլորովին ալ անոնք կոտրել չուզելով հաւանեցաւ Լամբրոնացին հեռացնել իր պալատէն, եւ անոր խորհրդակցութեամբ չի գործել. եւ միանգամայն անոր պատուիրեց, որ իր նորութիւններէն ետ կենայ: Լեւոն նոյն իսկ Լամբրոնացիին երէց եղբայր եւ Լամբրոնի իշխան Հեթումը իրեն կանչեց, եւ անոր յանձնարարեց, որ պէտք եղածը եղբօրը հաղորդէ, եւ զայն յորդորէ չափին մէջ մնալ, Լամբրոնացին կը գրէ Լեւոնին. Եկն իշխողդ մեր Հեթում, եւ եբեր առ իս ի ձենջ պատուէր հրամանի, որպէս առ տհաս մանուկ, թէ ոչ եմ յօգուտ ձեր, եւ թէ անկարգ է իմ ընթաց եւ անօգուտ, եւ չէ ընդ շաւիղս երանեալ հարց մերոց, եւ թէ ես ստերիւրեալ գնամ ի նոցա շաւղաց (ՏՂԱ. 213): Լեւոն ամենայն խոհեմութեամբ նոյն իսկ եղբօրը ձեռքով հաղորդած էր Լամբրոնացիին իր միտքը, եւ այս յայտնի կը ցուցնէ, թէ անոր միտքը եղած է, ու իսկապէս Լամբրոնացին գործէն հեռացնել ոչ անոր խորհրդակցութիւնը անարգել, եւ ոչ ալ գործակցութիւնը դադրեցնել, այլ միայն Արեւելեանները չխրտչեցնելու, եւ ապագային անոնց բարեկամութենէն սպասուած օգնութենէն չզրկուելու համար, գոնէ առժամապէս եւ առերեւոյթ կերպով գոհացնել անոնց պահանջը: Միւս կողմէն ինքն Լեւոն ալ ազատած պիտի ըլլար Լամբրոնացիին բուռն կերպերէն եւ բռնադատիչ թելադրութիւններէն, Ապիրատն ալ Լամբրոնացիի անմիջական ազդեցութենէն ազատ աւելի իրեն հետ պիտի կապուէր, եւ իր հրահանգներուն պիտի հնազանդէր:

1042. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻՆ ԲՈՂՈՔՈՂ

Բայց Լամբրոնացին այդ խոհեմական կերպերը ճանչցող, եւ նոյն իսկ առերեւոյթ կերպով իր միտքը ծածկող, կամ շինութեան համար տեղի տուող մարդ չէր: Հեթում եղբօրը բերած հրահանգը զինքը զայրացուց, չենք քաշուիր ըսել եւս թէ կատղեցուց: Տարսոն առանձնացաւ, բայց գառագեղի մէջ փակուած առիւծի պէս սկսաւ ձայն բարձրացնել թէ իրեն նախանձորդ Արեւելեաններուն, եւ թէ անոնց ականջ կախող Լեւոնին դէմ եւ գրիչը ձեռք առաւ պատասխանել այն ամէն կէտերուն, որոնք Հեթումի ձեռքով իրեն հաղորդուած էին: Որովհետեւ իրեն գրածը թուղթ կը կոչուի, եւ ոչ պատասխանի կը հետեւցնենք թէ Լեւոն գիր չգրեց Լամբրոնացիին, այլ միայն ցոյց տուաւ Հեթումի Արեւելքէն եկած գիրերը, քանի որ Լամբրոնացին կատարեալ մանրամասնութեամբ յառաջ կը բերէ Արեւելեայց կողմէ իրեն դէմ եղած մեղադրանքները: Լամբրոնացիին նամակը ուղղուած է Առ քրիստոսազօր իշխանն մեր ինքնակալութեամբ` Լեւոն (ՏՂԱ. 207), ուր թագաւոր անունը պաշտօնապէս չի տրուիր, բայց ինքնակալ իշխանապետ մը ըլլալուն տեսակէտէն, նամակին մէջ համարձակ կը կոչուի. Դու թագաւոր մեր (ՏՂԱ. 237): Նամակին թուականը գրուած չէ, միակ պատմական յիշատակը որ մէջը կը գտնենք, այն է, թէ յայս ամ Լեւոն բերեալ էր ի Տարսոն գունդ Հեռին, այսինքն Հենրիկոս Կամպանիացի կոմսը, որ Պաղեստինացւոցն ընծայեալ է արքայութեանն (ՏՂԱ. 231), որով կ՚ակնարկէ Անտիոքի իշխանին կալանաւորութեան պարագային, 1032), իսկ յայս ամ բացատրութեան քիչ մը ընդարձակ իմաստ տալով 1195-ին սկիզբները կրնանք դնել Լամբրոնացիին նամակին գրութիւնը: Այդ նամակը պէտք կը զգանք յատուկ վերլուծութեան նիւթ ընել, պատմական եղելութեանց եւ Լամբրոնացիի ձեռնարկներուն եւ ժամանակին ընթացքին մասին շատ մանրամասնութիւններ պարունակելուն համար: Իսկ Լեւոն կարծելով թէ իր կարգադրութիւնները գոհացուցիչ պիտի ըլլան Արեւելեայց, փութացած էր ըրածը անոնց հաղորդել, եւ ստացած նամակին պատասխանը դարձնել, հարկաւ անոնց կողմէ եկած պատգամաւոր վարդապետին ձեռքով: Լամբրոնացին այսչափն ալ աւելորդ կը դատէ եւ կը յայտարարէ, որ թէ քո աստուածպաշտութիւնդ արժանացոյց զնոսա պատասխանւոյ, մեր իմաստութիւնս ոչ բնաւ, զի խրատիմք ոչ տալ անզգամին պատասխանի (ՏՂԱ. 229): Ստոյգ որ աններելի ըսուելու չափ մեծ է Լամբրոնացիին այս զայրացկոտ յոխորտանքը, բայց շատ աւելի ալ պիտի տեսնենք նամակին վերլուծութեան մէջ:

1043. ԿԾՈՒ ԽՕՍՔԵՐԸ

Լամբրոնացիին առ Լեւոն նամակը (ՏՂԱ. 207-248), ստէպ կը յիշատակէ համբերութեան եւ սիրոյ պատուիրանները, թէ պէտք է տալ պատասխանի հեզութեամբ (ՏՂԱ. 207), եւ թէ սէրն գլուխ է ամենայն պատուիրանաց (ՏՂԱ. 234), սակայն իր բերնին մէջ նախատինք ու լուտանք սովորական են իր հակառակորդներուն դէմ: Թերեւս կարծեր է, որ պատուիրանը` որով կ՚արդարացնէ օտարազգի Յոյներուն եւ Լատիններուն հետ սիրով վարուիլը (ՏՂԱ. 235), չի տարածուիր համազգի Հայերուն հանդէպ ալ նոյն սէրը ցուցանելու ու զիջող ըլլալու: Ձորոգետացիները ամբողջ իրեն համար տխմարք եւ անկարգք եւ յիմար բանից շաղակրատողք են (ՏՂԱ. 209), թէ իրօք ալ յիմարք են, որ շաղակրատեն զոր ոչն գիտեն (ՏՂԱ. 222), թէ Տուտէորդին ուտելով եւ ըմպելով ընդ աշխարհականաց զպորտն պարարէ, եւ զեկեղեցւոյ դուռն թէ ընդ որ է, բնաւ չգիտէ (ՏՂԱ. 223), թէ Հաղբատացիներ զսեամս տաճարին Աստուծոյ ոչ կոխէն (ՏՂԱ. 224), թէ Տուտէորդին թանձրապորտ մըն է, եւ Հաղբատացիք ժողովք չարեաց, եւ թէ անոնք Քարավէժը կը պաշտպանէին` որ կարենային անվնաս անվրդով կալ ի գինըմպութիւնն եւ յորովայնապարարութիւնն եւ յոյլ չարիսն յորոց միջի ճախրեն (ՏՂԱ. 227): Մենք ցուցուցինք թէ նոյն իսկ Քարավէժի համար ոչ ոք համարձակեցաւ այսպիսի ամբաստանութիւն ընել, եւ բոլորովին անտեղի էր կարծել, որ Ձորոգետացիք Հռոմկլայ նստողներէ պիտի ակնածէին, եթէ իրօք կարծեցեալ ապերասաններն էին, եւ իբր թէ Քարավէժի նախորդներուն օրով այլապէս եղած ըլլային: Լամբրոնացին կը գրէ, թէ իր հակառակորդներուն բերանքն անծիւք եւ դառնութեամբ լի են, եւ զթոյնս իժից ունին ի ներքոյ շրթանց, եւ երագ են ոտքն հեղուլ զարիւն (ՏՂԱ. 228): Տուտէորդիին եւ Քոբայրիցիին համար կը գրէ, թէ իբրեւ զշունս լիրբս հաջեն, եւ թէ Անեցին արբեալ մըն է, ի գուսանաց եւ յորովայնամոլութենէ եւ յարբեցութենէ չզատուող (ՏՂԱ. 232): Թէ Ձորոգետի երկու վանքերուն առաջնորդները երկու աղուէսք են (ՏՂԱ. 241), պիղծ եւ այնչափ տգէտ որ իբր զբուն յետնոյն յիւր ձեռնասուն աշակերտացն իսկ չեն (ՏՂԱ. 243): Իսկ իրեն համար խօսած ատեն չի քաշուիր յայտնել, թէ կատարեալ իմաստութեամբս զոր ունիմք կը խօսիմ (ՏՂԱ. 211), եւ կը պարծենայ թէ զլոյս իմաստիցն մեր յաշտանակ բարձրացուցեալ, լոյս տամք կուրացելոցն (ՏՂԱ. 244): Արդ հնար չէ ենթադրել որ այսպիսի բուռն կիրքերէ յուզուած մէկ մը կարենար խաղաղութեան միջնորդ եւ գործիք ըլլալ, ուստի մեղադրելի չեն ըլլար Արեւելեայք` երբոր անոր հեռացումը կը պահանջեն, եւ Լեւոն` որ ըստ այնմ կը գործէ, ինչ որ ծանր կու գայ Լամբրոնացիին, եւ աններելի ըլլալու չափ կծու շեշտերով կ՚ըսէ, նստիմք լռութեամբ ի տան ` եւ չեմք մուտ եւ ել ի ձեր արքունական ապարանս (ՏՂԱ. ): Տեսանք թէ ինչ տեսակ լռութիւն է պահածը:

1044. ԹՈՅԼԱՏՈՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ

Լամբրոնացիին նոյն նամակին մէջ ինքզինքը արդարացնելու աշխատած ատեն, անուղղակի կերպով կը յիշէ այն կէտերը որոնց համար ամբաստանուած է Արեւելեաններէն, եւ քանի որ հակառակորդներու գիրերը չունինք, պիտի գոհանանք այդ փոքրիկ ակնարկներով: Գլխաւոր կէտերէն մէկը Քարավէժին դէմ ցուցուած հակառակութիւնն է, ուսկից կ՚ուզէ արդարանալ զայն մանուկ ու անհանճար, անարժան կաթողիկոս նկատելով, ինչ որ արդէն բացատրած ենք: Իսկ երկրորդ անկարգութիւն իմ կ՚ըսէ, այն է, որ ընդ ամենայն քրիստոնեայս հաղորդիմ (ՏՂԱ. 219): Ասկէ ոմանք ուզեցին հետեւցնել թէ Լամբրոնացին զուտ հռոմէադաւան քաղկեդոնիկ մըն է. եւ անով կարծեցին զայն պաշտպանել, սակայն մենք Լամբրոնացին բոլորովին տարբեր կը գտնինք իսկութեան մէջ: Անիկայ որ կը խոստովանի, թէ է ինձ Հայն որպէս զԼատինացին, եւ Լատինացին որպէս զՀելլէնացին, եւ Հելլէնացին որպէս զԵգիպտացին, եւ Եգիպտացին որպէս զԱսորին, չկրնար Լատին հռոմէականութեան յարած ըլլալ: Հռոմէադաւանի մը ներեալ չէ միեւնոյն կերպով նայիլ Յոյնին` զոր հերձուածող կը կոչէ, եւ Եգիպտացիին եւ Ասորիին որոնք հակաքաղկեդոնիկներ են պաշտօնապէս, Լամբրոնացին իր անտարբերութիւնը կը պահէ, ոչ թէ իբր նոր դարերու միջազգայնական մը, այլ կատարեալ եկեղեցական իմաստով, եւ յստակ գիտակցութեամբ իր ըրածին: Արդ, կ՚ըսէ, եթէ ես միոյ ազգի ջատագով էի, ընդ իւրաքանչիւրսն որ միմիեանց թշնամիք ընդ այլսն երբ է՞ր կար հաղորդիլ. բայց են` խառնիմ (ՏՂԱ. 220): Լամբրոնացիին ներքին ուղղութիւնը, Հայ եկեղեցւոյ թոյլատու ներողամտութիւնն է, որ չի խորշիր ամէն եկեղեցիներու հետ հոգեւոր հաղորդութիւն պահելէ, երբոր կը տեսնէ որ էական կէտերու մէջ իրեն հետ համամիտ են, հոգ չէ որ երկրորդական կէտերու վրայ իրմէ տարբեր մտածեն, կամ իրարու մէջ միմեանց թշնամի ըլլան: Մինչեւ այստեղ մենք ալ Լամբրոնացիին ձայնակից ենք, եւ պիտի մեղադրէինք Արեւելեանները, եթէ բացարձակապէս այսչափի համար ըլլար խնդիրը: Սակայն թուղթին պարունակութիւնը կը ցուցնէ, թէ նա շատ աւելի առաջ ուզած է անցնիլ` իւրացնելով օտար եկեղեցիներու սովորութիւնները, զորս ինքն ընդունելի է դատած իր միտքով, առանց մտադրութիւն դարձնելու, թէ նախապէս ազգին կեդրոնը կամ եկեղեցական հանրութիւնը զայն ընդունած եւ հրամայած չէ: Լամբրոնացին իր անձին համար առանձինն, եւ իր վիճակին համար մասնաւորապէս, կարգադրութիւններ սկսած էր ընել, եւ կը պարծենար թէ ի Տարսոնի եկեղեցին սահմանեալ եմք այսինչ եւ այնինչ բաները (ՏՂԱ. 242), եւ կը պահանջէր, որ պարտ էր զեկեղեցւոյ օրէնքն թողուլ իրեն, որ իշխանս էի, կ՚ըսէ, եկեղեցւոյն (ՏՂԱ. 237): Որչափ ալ լաւ կարծուին կամ ըսուին Լամբրոնացիի մուծած նորութիւնները, միայնոյ Տարսոնի արքեպիսկոպոսին ինքնագլուխ գործելը` արդարացնել չենք կարող:

1045. ՄՈՒԾԱԾ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լամբրոնացիին իր կամքով ըրած կարգադրութիւնները քաղած ատեննիս` ամբողջական ցուցակ ալ չենք գտներ, բայց աստ եւ անդ ըրած ակնարկները հաւաքելով կը տեսնենք, որ նա ամենօրեայ պատարագի սովորութիւնն է ունեցած, ունելով, կ՚ըսէ, զՔրիստոս վասն իմ օր ըստ օրէ առաջի Աստուծոյ Հօր պատարագ (ՏՂԱ. 217): Կը տեսնենք եւս որ պատարագած է քահանայական սուրբ զգեստիւք եւ բացաւ գլխով, հակառակ Արեւելեայց, որ կը պատարագեն եղեր ունենալով գիշտ գլխուն վրայ, եւ երկու թիզ կնգուղ վրացի սաքուլայով, եւ Հաղբատեցի սեւ փիլոնով (ՏՂԱ. 218): Իր քահանայական զգեստները մետաքսեայ են եղեր, եւ ինքն ալ քթանազգեստ է եղեր, եւ չ՚ուզեր եղեր գշտով եւ կրօնաւորութեան սքեմով խարազնազգեստ լինել ի պատարագին, որպէս նոքա կամին (ՏՂԱ. 240): Այդ մասին կը դիտենք, որ քահանայական զգեստներու խափանումը վերջին ատեններու պատահական սովորութեան պէտք է վերագրել, զի Հայերու անծանօթ չէին այն զգեստները, ինչպէս ինքն ալ կը յայտարարէ, թէ զհին սովորութիւն նորոգեցաք (ՏՂԱ. 241): Բայց այս իրաւունք չէր տար վեղարը ծաղրել վրացի սաքուլա անուանելով, որ է Կովկասի լեռնականներուն սովորական կնգուղի ձեւով գլխանոցը կամ գլուխի փաթթոցը: Լամբրոնացին դադարեցուցեր է եւս պատարագի ատեն փակել զդուռն ի վերայ, եւ ձգել զվարագոյրն, անհաղորդ առնել զժողովուրդն յիւրեանց Աստուծոյն քաւիչ մահուանէն, ինչպէս կ՚ըսէ, կու առնեն ամենայն վանորայքդ ի վերն եւ ի վայրս (ՏՂԱ. 218): Փակ պատարագելը յունական ծէսի նմանողութիւն է, եւ պէտք չէր այդչափ զայրանալ Հայոց դէմ, մանաւանդ որ նոյն սովորութիւնը նաեւ վարի վանքերը, այսինքն Կիլիկիոյ մէջ ալ կը պահուի եղեր տակաւին: Կը յիշէ եւս որ երեք ճաշուները, զերրորդ եւ զվեցերորդ եւ զիններորդ ժամն ի միասին կատարէին (ՏՂԱ. 241), եւ ինքն զատ զատ ըսել տալ սկսեր է: Պակասեալ էր ի վանօրէից Խաղաղական աղօթքն, եւ ինքն հրամայեր է նախ ժողովել յեկեղեցին յաղօթս, եւ ապա ի մահիճս հանգչիլ: Բայց ասոնք խնդիր վերցնելու կէտեր չեն: Կրօնաւորական օրհնութիւնը քահանայանալէն ետքը կուտան եղեր, եւ ինքն սկսեր է նախ կրօնաւոր օրհնել, ապա սարկաւագ, եւ ապա քահանայ կատարել. բայց հակառակ սովորութիւնը տիրած է մինչեւ հիմայ, եւ քահանայական ձեռնադրութենէ ետքը աբեղայ կ՚օրհնենք: Կը յիշէ եւս թէ չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը Տարսոնի եկեղեցւոյն մէջ 200 կամ 300 աղքատի հաց եւ բակլայ բաշխել կու տայ եղեր, որ պարզապէս ողորմութեան եւ ոչ ծիսակատարութեան գործ է: Իսկ կրօնաւորներուն զկէս տարին մի անգամ յաւուրն ուտել (ՏՂԱ. 242), խստակրօնութեան սովորութիւն մըն է, եւ ոչ խստիւ պահանջուելիք կանոն: Կը յիշէ եւ վասն տօնի Աստուածայայտնութեան մեղադրանք մըն ալ առանց բացատրելու, եւ կ՚երեւի թէ Դեկտեմբեր 25-ին Ծնունդ տօնելու համար ալ օտարներուն համակերպած է: Երրորդ ամուսնութեան հրաման տալու ալ սկսած է, որուն նկատմամբ զիջաք, կ՚ըսէ, առ ժամանակիս ծննդոց տկարութեան (ՏՂԱ. 243): Ուրիշ կէտեր ալ եղած պիտի ըլլան, զորս կը լռէ, եւ ընդհանուր կերպով մը կը կնքէ, զգիրս ոչ կարեմք թողուլ, եւ աւանդութեանց սնոտեաց հետեւիլ (ՏՂԱ. 244): Մենք քաղեցինք ինչ որ նամակին մէջ յիշատակուած գտանք, սակայն պիտի դիտենք թէ բնութեամբ իրարմէ տարբեր խնդիրներ կան առջեւնիս, եւ ամէնքը չեն կրնար աւանդութեանց սնոտեաց կարգը դասուիլ: Ինչ ինչ կէտեր պարզապէս աղաւաղումներ են, ժամանակին բերմունքով խրթնացած, որոնք պէտք էր ուղղուէին, բայց ոչ թէ իրեն անձնական հեղինակութեամբ, այլ պէտք էր գրէր եւ բացատրէր, եւ հայրապետական կամ ժողովական իշխանութեամբ վճռել տալ ուղղութիւնները: Իսկ կէտերէ մի մասն ալ եկեղեցւոյ հնօրեայ կանոններ են, զորս երբեք ներեալ չէր Լամբրոնացիին ոտնակոխ ընել, եւ իր հակառակորդները իրաւունք կ՚ունենային Լեւոնէ խնդրել որ արգիլէ անոր` նորութիւններ մուծանել:

1046. ԲԱՐԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լամբրոնացին իր պաշտպանութեան համար կը գործածէ զանազաններու կողմանէ իրեն նկատմամբ գրուած բարի վկայութիւնները, եւ անոնցմով կ՚ուզէ արդարացնել իր բոլոր ձեռնարկները: Նախ կը յիշէ իր ուսուցիչը, Տիրացու մականուանեալ Ստեփանոս վարդապետը, եւ Վարագի միաբաններէն Գէորգ, Ստեփանոս, Քրիստոսատուր եւ Տիմոթէոս ճգնաւորներ, որ իրեն հաւնած են եղեր, երանելով թէ կարող էին ձայնակցիլ: Բայց դիտելի է որ որչափ ալ հաւներ են, իր ըրածները գործադրելու չեն համարձակեր: Տարոնցիներէն կը յիշէ Եսայի եպիսկոպոսը եւ Թէոդորոս վարժապետը, որոնք զինքը գովեր են (ՏՂԱ. 229), Երզնկայի վարդապետներն ու եպիսկոպոսներն ալ իրենց գործերուն հաւներ են: Խաչէնի իշխանները եւ վանքերը իր աշակերտներէն Յովսէփը Աղուանից կաթողիկոս են ընտրեր: Գերմանիոյ կայսրը զինքն հմուտ անձ մը տեսնելուն Աստուծոյ փառք է տուեր (ՏՂԱ. 232): Անտիոքի Լատին եւ Յոյն եկեղեցիները իրեն համար Տարսոնացի Պօղոս առաքեալին արժանապատիւ յաջորդ են ըսեր: Ասորւոց պատրիարքը իրեն համար բարի վկայութիւն է տուեր: Ամաւրի Լուսինեան Կիպրոսի Գունդստապլը եւ Գուիտօնի եղբայրն ու յաջորդը` գովեր է Տարսոնի եկեղեցիին բարեկարգութիւնը: Հենրիկոս Կամպանիացին, անուանական Երուսաղէմի թագաւորը, ըսեր է որ իրմէ աւելի բարի անուամբ հռչակեալ մէկը չէ տեսեր: Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսը մահուան ատեն ներողութիւն ուզեր է, որ հարստահարեր է իր ճշմարտասիրութիւնը (ՏՂԱ. 231): Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոսն ալ իրեն ընթացակից եղեր է: Ասոնք յիշելով կը հարցնէ, թէ պէտք է՞ արդեօք որ ասոնց բարի վկայութիւնը անտես առնե՞մ, եւ ի Ձորոգէտ զերկուց արանց, այսինքն Տուտէորդիին եւ Քոբայրեցիին, որք իբրեւ զշունս լիրբս հաջեն, զկամս հաճե՞մ (ՏՂԱ. 233): Եթէ մեզի մնար պիտի պատասխանէինք, թէ այս վկայութիւններէն մի մասը օտարներէն է, որոնց համար հարկաւ հաճելի պիտի ըլլար Լամբրոնացիին օտարասիրութիւնը: Մէկ մասն ալ պարզապէս քաղաքավարի խօսքեր են, որ դաւանական կամ կանոնական փաստ չեն կազմեր եւ լաւագոյն պիտի սեպէինք որ Լամբրոնացին իրենները սիրաշահէր, եւ թէ իրենները ուծացնելու եւ պառակտելու աշխատէր: Իրեն միտքը միշտ կաթողիկոսութեան վրայ սեւեռեալ, Լեւոնին կը թելադրէ թէ Ձորոգետացիներու կամաց լրումն Բարսեղի կաթողիկոսութիւնն է եւ ոչ իմ ի ճշմարտութենէ մոլորումն (ՏՂԱ. 232), եւ չենք գիտեր թէ ինչու այդչափ հակառակութիւն պիտի զգար, եթէ Բարսեղ Ապիրատի նախադասուէր, կամ ինչու կը ցաւի, որ իրեն չի ներուիր մօտէն Ապիրատին առաջնորդել, եւ անձնագովութեամբ կը համարձակի յայտնել, թէ նա ի բնաւորութենէ եւ յիմաստութենէ` ընթացակից լեալ էր իր ճշմարտութեանն (ՏՂԱ. 232):

1047. ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՓԱՍՏԵՐ

Լամբրոնացիին անձնապաշտպանութեան միւս փաստն ալ, Կիլիկեցւոց մէջ տեղի ունեցած կենցաղական եւ պետական փոփոխութիւններն են: Իր համոզմամբ Ձորոգետացիներ Պարսկական շրջանակին մէջ մնացած ըլլալով, նոր քաղաքակրթութենէն կը խորշին, եւ անոր համար զինքն կը դատափետեն, որ զարգացեալ Լատիններուն կը փափաքի հետեւիլ: Դուք ալ, կ՚ըսէ Լեւոնին, բաց-գլուխ մի' կենաք, այլ միշտ շարփուշ դրէ'ք, մազերնիդ ու մօրուքնիդ մի' կրճատէք, այլ աճեցուցէք ու երկնցուցէ'ք ինչպէս հիները, զսպեալ զգեստներ մի' գործածէք, այլ լայն եւ թաւ դուռայ հագէք, անսախտ ու լոկ, լեհլով ձի մի' հեծնաք, այլ ճուշանով սախտեալ երիվարներ գործածեցէք (ՏՂԱ. 239), սիր ու պրօքսիմոս ու գունդստապլ ու մարաջախտ տիտղոսները խափանեցէք, եւ ամիրայ ու հէճուպ ու սպասալար ու մարզպան հին անունները շարունակեցէք: Արդ, կ՚ըսէ, փոխեցեք դուք զայս լատինացի ձեւս, եւ մեք հաւանիմք Ձորոգետացեացն: Անոնց առաջարկները ծաղրելով կ՚աւելցնէ, կը պատարագենք սափուլայով եւ երկու կանգուն վեղարով, եւ ծրարեմք զմետաքսեայ զգեստն, պատարագի կը մտնենք խարազնազգեստ եւ ոչ քթանազգեստ, կ՚ըլլանք հրապարակաւ մսակեր, Թուրքացն կթզայընկեր, եւ խմենք զանկակեայ տօղտօքանով (ՏՂԱ. 240): Լամբրոնացին այդ մասին մէջ ալ բուռն յուզումէ գրգռուած, կարծես թէ տրամաբանելու պայծառութիւնն ալ կը կորսնցնէ: Միթէ հնար է՞ կենցաղական սովորութիւններու եւ առօրեայ զգեստներու նման, եկեղեցական ծիսակատարութիւններն ալ փոփոխել: Կամ եթէ իրօք ալ Ձորոգետացիք ուտելու եւ խմելու զեղծումներ ունէին, միթէ անով կ՚արդարանային եկեղեցական ծէսերուն մէջ իւրովի փոփոխութիւն ընողները: Լամբրոնացին կ՚աշխատի իր օտարասիրութիւնը պաշտպանել նաեւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ գործածական դարձած յունարէն բառերով, զոր օրինակ, Քրիստոս, Եկեղեցի, Կաթողիկոս, Եպիսկոպոս, Պռօսխումէ, Օրթի, Ստեփանոս, Լէոն, Գրիգոր եւ այլք բիւր (ՏՂԱ. 230): Սակայն այդ անունները, որ լեզուական փոխառութիւններ են, բնաւ կապ չունին օտար եկեղեցիներու հետեւողութեան հետ, եւ զայն չեն արդարացներ: Կը յիշէ եւս Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու սովորութիւնը, փոխադարձաբար մէկը միւսին լեզուով ալ աւետարան կարդալու, որով անուղղակի Տարսոնի մէջ իր մուծած նմանօրինակ սովորութեանն կ՚ակնարկէ, որուն մասին ուրիշ կողմէ ծանօթութիւն չունինք: Սակայն օտարներուն ըրածն ալ տարին մէկ կամ երկու օր միայն կատարուած ծէս մըն է: Վերջապէս որչափ ալ ժամանակով Հայերուն Յոյներէն շատ բան սորված ու փոխ առած ըլլալը ստոյգ ըլլայ, ասիկա ալ փաստ մը չ՚ըլլար շարունակաբար օտարները ընդօրինակելու, ինչ որ Արեւելեայց զգուշացուցած, իսկ Լամբրոնացիին շատ լայն կերպով ըմբռնած մէկ կէտն էր: Միայն թէ չենք կրնար առանց մորմոքիչ յուզման կարդալ, Լամբրոնացիին խօսքերը, երբ հեգնօրէն կ՚առաջարկէ, զԼատին ազգին անօսր եւ բարակ սովորութիւնն թողուլ, եւ ի հնոց Հայաստանեայց թանձրութիւնն դառնալ (ՏՂԱ. 241): Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եպիսկոպոսի մը, եւ Հայոց ազգին նշանաւոր անձնաւորութեան մը բերանին չենք վայլեցներ այսպիսի ծաղրածու երգիծաբանութիւնը, զոր կծու նախատինք կը գտնենք ազգային աւանդութեանց եւ նոյն իսկ Հայ եկեղեցական ծիսակատարութեանց դէմ:

1048. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Կրնայինք դեռ ուրիշ մանրամասնութիւններ ալ քաղել Լամբրոնացիին նամակէն, բայց թերեւս արդէն ալ շատ երկարեցինք: Կը կարծենք թէ այդ քաղուածները մեծապէս կ՚օգտեն ժամանակին հոգին եւ ընթացքը ճշտապէս պատկերելու, եւ Հայ եկեղեցւոյ ներքին կացութեան վրայ բաւարար տեսութիւն մը կազմելու: Լամբրոնացիին նկարագրութեան հետեւելով, պէտք է շատ տխուր գաղափար կազմել Արեւելեան կամ Ձորոգետացի կոչուած եկեղեցականութեան վրայ, որուն կեդրոններն էին Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը, սակայն բարեբախտաբար Լամբրոնացիէն զատ ուրիշ պատմիչ կամ մատենագիր մը չունինք, որ անոր ըսածները կրկնէ կամ հաստատէ. իսկ Լամբրոնացիին ինչ աստիճան յուզմունքի մատնուած եւ ինչ տեսակ կիրքով եւ զգացումով խօսած ըլլալը, բաւական յայտնուեցաւ տրուած քաղուածով: Նա մինչեւ իսկ Տուտէորդիին թուրք եղբայր մը ունենալն իբր իրեն պաշտպանութեան փաստ մէջտեղ կը բերէ (ՏՂԱ. 223), մինչ անձնական խնդիր մը բնաւ կապ չունէր յուզուած եկեղեցական խնդիրին հետ: Մեր միտքը չէ այստեղ Արեւելեայց ընթացքին կատարեալ ջատագովութիւնն ընել, սակայն մեր տեսութիւնը չփոխուիր ընդունելով ալ թէ բարեկարգութեան կողմէն թուլութիւններ տեղի ունեցած ըլլան, որոնցմէ ոչ մի ժամանակ զերծ մնացած չեն վանական հաստատութիւնները: Լամբրոնացին ալ կը խոստովանի, թէ անկարգութիւններ կ՚ընեն ամենայն վանօրայքդ ի վերն եւ ի վայրս (ՏՂԱ. 218), այսինքն ի Հայաստան եւ ի Կիլիկիա: Հետեւաբար պատճառ չունէր դատապարտել Արեւելեայց զգուշաւոր եւ պահպանողական դրութիւնը, մանաւանդ որ փորձն ալ ցուցուց թէ շատ լպրծուն գետին մըն էր, որուն վրայ ինքն կ՚ուզէր կանգնիլ: Թերեւս Լամբրոնացին արդարացնէր իր ուղղութիւնը, երբոր պարծանօք կը յայտարարէր, թէ կարող եմք շնորհիւ գիտութեանս զոր ունիմք ի սուրբ գիրս, ափ ի բերան առնել զՀելլէնացին, թէ զՀայն խորշեալ կարծիցէ յուղղափառութենէ (ՏՂԱ. 235): Բայց անգամ մը որ զիջողական եւ յարմարողական ձեւը կը սկսէր տարածուիլ, միթէ՞ հնար էր կէս ճամբուն վրայ կանգ առնել: Իրողութիւնը ցուցուց թէ Լամբրոնացիին սկզբունքը շատ վտանգաւոր եղաւ Անաւարզեցիին ձեռքը, եւ դարերու շարունակութեամբ Հայ-Հռոմէական անջատեալ խումբերու կազմութեան յանգեցաւ: Լամբրոնացին երբոր կը փարէր սիրով զՀայաստանեօքս եւ զԼատինացւովքն եւ զՀելլենացւովքն, կը յայտարարէր թէ զամենեսեան մի գիտեմք ի Քրիստոս, եւ Հայերը յուղղափառութենէն խորշեալ երբեք չէր կարծեր (ՏՂԱ. 235), սակայն յետագայք մինչեւ իսկ Հայերը հերձուածող եւ հերետիկոս ըսել չվարանեցան եւ ինքզինքնին հռոմէադաւանութեան նուիրեցին անպայման կերպով: Եղելութիւնը չարդարացուց Լամբրոնացիին ուղղութիւնը, այլ ընդհակառակն արդարացուց Արեւելեայց զգուշաւորութիւնը: Այսչափ առ այժմ բաւական ըլլայ Լամբրոնացիի հետեւած եւ պաշտպանած ուղղութեան վրայ:

1049. ԲԱՐՍԵՂ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Լեւոնի գործածած միջոցը իր նպատակին չհասաւ: Նա կը կարծէր Լամբրոնացին միայն հեռացնելով Արեւելեանները շահիլ, եւ Ապիրատը աթոռի վրայ պահելով իր նպատակին հասնիլ: Սակայն Արեւելեայք չհաւանեցան երբեք Ապիրատը իբրեւ վաւերական կաթողիկոս ճանչնալ, եւ Անւոյ արքեպիսկոպոս Բարսեղը, զոր կաթողիկոսցու ներկայած էին 1040), կաթողիկոս հռչակեցին իրենց համար սոյն այս 1195 տարին, եւ անոր գլխաւորութեամբ սկսան վարել Հայաստանի վիճակներուն գործերը: Գոնէ այս է յիշատակարաններէ քաղուած պատմութիւնը (ՉԱՄ. Գ. 138), որովհետեւ Բարսեղի կաթողիկոսացումը չեն պատմեր ժամանակակից պատմագիրներ: Գործը իր կանոնական տեսակէտէն քննելով, կը գտնենք որ Արեւելեայց եւ Կիլիկեցւոց մէջ շատոնց տեղի ունեցած էր իրական խզումը, այնպէս որ Անւոյ արքեպիսկոպոսները լիազօր իշխանութեամբ գլխաւորութիւն կը պահէին բոլոր Հայաստանի մէջ, եպիսկոպոս յարեւելս հիւսիսոյ կոչմամբ (ԸՆԴ. 308), եւ միայն մեծագոյն իրողութեանց մէջ յարաբերութիւն ունէին Հռոմկլայի աթոռին հետ: Հռոմկլայ նստող կաթողիկոսներն ալ, պահելով հանդերձ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան պաշտօնական կերպարանը, բացառիկ պարագաներու մէջ միայն Արեւելեայց գործերուն կը խառնւէին, կամ գործակցութեան կը դիմէին: Այս կերպով Բարսեղ Անեցիի կաթողիկոս հռչակուիլը տիրող կացութիւնը իրապէս եւ զգալապէս չէր փոփոխեր: Գալով Ապիրատին ընտրութեան, անտարակոյս էր որ Արեւելեայց մասնակցութիւնը եւ համաձայնութիւնը կը պակսէր անոր մէջ, եւ Լեւոնի բացարձակ կամքին հետեւանքն էր այն, այնպէս որ Լամբրոնացին ալ կը համարձակէր ըսել. չէաք ձեզ ի նոյն խորհրդակից, որպէս զոմանս (ՏՂԱ. 225): Չորս աթոռներուն համաձայնութիւնն ալ փնտռուած չէր, եւ կանոնական բան մը կը պակսէր Ապիրատի ընտրութեան մէջ: Հարկաւ այդ պարագան էր, որ Կիլիկիոյ իշխանապետն ու կաթողիկոսը ու եպիսկոպոսական դասը չհամարձակեցան Բարսեղի դէմ վճիռ արձակել, եւ նորոգել Սեաւն-Լերան ժողովով Դաւիթ Թոռնիկեանի դէմ արձակուած դատապարտութիւնը 929), եւ մտադրութիւն իսկ չդարձուցին Հայաստանի մէջ կատարուած իրողութեան: Այսպէս երկու կաթողիկոսներ, իրարու հակառակ, բայց հակառակութիւննին ծածկելով, կրցան միասին ապրիլ եւ գործել, եւ եկեղեցւոյն եւ ժողովուրդին մէջ այս երեսէն խնդիրներ երեւան չեկան, եւ երկու կողմեր խաղաղօրէն իրենց գործունէութիւնը շարունակեցին: Սակայն եթէ երկուքն ալ արդեամբ ու գործով իբրրեւ կաթողիկոս ապրեցան, երբեք հնար չէ բաժանեալ աթոռ կամ երկգլխեան իշխանութիւն ընդունիլ, եւ գործնական օրինաւորութիւնը կը պահանջէ Ապիրատը ճանչնալ իբրեւ օրինաւոր հայրապետ եւ իբրեւ ուղիղ յաջորդութեան տէր: Աթոռը օրինաւորապէս Հռոմկլայ էր, եւ ընտրողական պայմաններու ինչ ինչ պակասութիւններով ալ, նա գործնականապէս յաջորդ եւ տէր էր աթոռին, մինչ ոչ աթոռի տեղափոխութեան, եւ ոչ նորոգ ընտրութեան համար` ազգային ընդհանուր եւ համագումար ժողովով որոշում եւ վճիռ տրուած չէր: Այս տեսութիւններով է որ Գրիգոր Զ. Ապիրատը կ՚անցնի կաթողիկոսներու ուղիղ յաջորդութեան գաւազանագիրքին, իսկ Բարսեղ, սովորաբար Բարսեղ Բ. Անեցի ճանչցուած, ոչ հակաթոռ, այլ աթոռակից մը պէտք է ըսուի, քանի որ իր տիտղոսն ու պաշտօնը, կանոնապէս եւ պաշտօնապէս չմերժուեցան եւ չդատապարտուեցան, եւ միայն Հայ ժողովուրդին երկփեղկումը` իբր պարզ եղելութիւն շարունակեց մինչեւ Բարսեղի մահը:

1050. ՅՈՅՆ ԿԱՅՍՐԷ ԹԱԳ

Լեւոն իշխանապէտ չկարենալով վերջնական լուծում տալ կաթողիկոսական խնդիրին, ինքն համակերպեցաւ զայն վերջացած նկատել. թողուց որ Արեւելեայք իրենց տեսութեանց մէջ մնան, անոնց դէմ ցոյց մը չըրաւ, եւ Կիլիկիոյ մէջ իրապէս եւ գործնականապէս տիրող կացութեան վրայ հիմնուելով, եւ անկէ օգտուելով, բոլոր մտադրութիւնը դարձուց իր թագաւորութեան հաստատուն ձեւ մը տալու, եւ զայն պաշտօնապէս եւ օրինաւորապէս ամէնուն ճանչցնելու: Եթէ իրականութիւնը փնտռենք, Լեւոն արդէն իբր թագաւոր ընդունուած էր իրեններէն, եւ այնպէս ալ կը ճանչցուէր օտարներէն: Իշխանապետութիւնը թագաւորութեան փոխարկել` իրեն եւ իրեն ժողովուրդին իրաւունքն էր, քանի որ այլեւս ոչ մէկ գերիշխանի հանդէպ հպատակութեան պարտք չունէր: Օտար պատմիչներ ալ կը վկայեն, թէ այն ատեն 1195 թուականին, Լեւոն պսակեալ թագաւոր կը ճանչցուէր, եւ թէ Հենրիկոս Կամպանիացին հաստատած էր այդ կոչումը (ՍԻՍ. 463): Զարմանալի է որ Լեւոն չգոհանալով այդ արդիւնքէն, եւ զայն իւրովի փառաւորելէ քաշուելով, հետամուտ էր ճանչցուիլ թագաւոր Հայոց ի հնազանդութիւն եկեղեցւոյն Հռոմայ եւ օնբրունին Ալամանաց (ՍՄԲ. 109): Այդ նպատակով պատգամաւորութիւն մը ուղեւորեց Եւրոպա, որպէսզի ներկայանայ Հենրիկոս Զ. կայսեր` Փրեդերիկոսի որդւոյն, եւ հօրը խոստումը յիշեցնելով անոր գործադրութիւնը խնդրէ: Պատգամաւորներու անունները եւ այդ առթիւ գրուած նամակները` անծանօթ կը մնան. միայն գիտենք թէ պատգամաւորներ ծովով ելան Իտալիոյ Պուլիա (Puglie) գաւառը, հարկաւ Բարիոն (Bari) նաւահանգիստը, եւ Իտալիան կտրելով կայսեր ներկայացան Մեդիոլան (Milano) քաղաքը 1196 Պենտեկոստէին, որ այն տարին կը հանդիպէր Յունիս 9-ին, այլ լոկ խոստում ստացան, թէ անձամբ Արեւելք գալով հօրը կամքը պիտի կատարէ: Հայերուն եւ Լատիններուն իրարու մօտենալը նախանձի շարժեց Յոյները: Ալեքսիս Գ. Անգեղոս կայսր, որ քիչ առաջ 1195-ին եղբօրը Իսահակի դէմ ելլելով եւ զայն կուրացնելով գահ բարձրացած էր, ուզեց դադարեցնել նախորդին բուռն եւ հալածիչ ընթացքը 1019), ուստի Մանուէլի միութենական ճիգերը վերանորոգելով, Լեւոնի կը դիմէր եւ խնդրէր ի նմանէ զմիաբանութիւն սիրոյ: Նպատակն էր Հայերը, որ Արեւելքին մէջ նշանաւոր քրիստոնեայ ոյժ մըն էին, իրեն յարակցել, եւ օտար Լատիններէն բաժնել: Ուստի տեսնելով որ Լեւոնի եւ Հայերուն բոլոր բաղձանքը թագաւորական թագի մը շուրջը կը դառնայ, ինքն կանխեց անոնց բաղձանքը լրացնել, եւ Եւրոպա գացող պատգամաւորութեան միջոցին, 1196-ին, յղեաց պարոն Լեւոնի թագ պատուական (ՍՄԲ. 106), ոսկւով եւ ակամբք պատուականօք ընդելուզեալ, յայտնապէս ալ թելադրելով, զթագն Հռոմայեցւոց մի' դիցես ի գլուխ քո, այլ զմերն, զի առ մեզ հուպ ես քան թէ ի Հռոմ (ԿԻՐ. 76), որով ոչ միայն աշխարհագրական, այլ եկեղեցական մերձաւորութիւնն ալ յարմար է իմանալ: Թագի առաքումին հետ թագադրութեան հանդէս ալ տեղի ունեցած ըլլալուն` որոշակի պատմութիւն չունինք, եւ Կիրակոսի եղեւ պսակեալ յերկոցունց (ԿԻՐ. 76) բացատրութիւնը բաւական չենք գտներ ոմանց հետ թագադրութեան հանդէս մըն ալ ենթադրելու (ՍԻՍ. 552): Եւ ոչ ալ Լամբրոնացիին ակնարկը, թէ պսակեցին զսա քարամբ պատուականաւ յեկեղեցի Տարսոնի (ՀԱՅ. 427) հանդիսական օծման համար յստակ վկայութիւն մըն է, քանի որ կը տեսնենք որ Լեւոն տակաւին Գերմանիոյ կայսրէն պսակուելու հետամուտ է:

1051. ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ ԳԱՑՈՂՆԵՐ

Թագաւորական թագի խնդրանքները եւ տուուչութեան պայմանները դիւրաւ կրնային հաշտուիլ, եթէ գործը լոկ քաղաքական տեսակէտէն նկատուէր, սակայն թէ Լատիններուն եւ թէ Յոյներուն կողմէ եղած առաջարկներուն հետ յարակից էին դաւանական եւ ծիսական համաձայնութեան պայմանները, ինչ որ գործը կը դժուարացնէր: Արեւելեայց ընդդիմութիւնը յայտնի էր, սակայն Կիլիկեցիք ալ խմբովին եւ միաձայն կերպով զիջողութեանց կողմնակից չէին, իրենց մէջ ալ տարբերութիւններ եւ աստիճաններ կային, եւ անհամաձայնութիւններ կը տիրէին: Իսկ Լեւոն որ ամէն պայմանի յարմարելու պատրաստ էր` նպատակին հասնելու համար, պարզապէս արտաքին ձեւին կը համակերպէր, իսկ ներքին մտադրութիւնը նպատակին հասնելէ ետքը իր ազատութեամբ գործել էր: Սակայն այդ ձեւն ալ, ո'չ յայտնապէս կրնար հրատարակել, եւ ոչ նախանձայոյզ եպիսկոպոսներ նենգամիտ կերպերու կը խոնարհէին: Այդ ծածկամիտ տեսութեանց հետեւանքն է, որ Լեւոն ոչ խոտեաց եւ ոչ զմի ոք յերկոցունց թագաւորաց, Ալեքսէ եւ Հենրիկոսէ, եւ իւրաքանչիւրին ըստ կամաց նոցա արար պատասխանի: Այդ ընթացքը պատմիչին տեսութեամբ իմաստուն կ՚ըսուի, սակայն իբրեւ ուղիղ եւ ապահով չի կրնար նկատուիլ, բայց եթէ հայադաւան դրութեամբ` երկու եկեղեցիներուն վրայ ալ թոյլատու ներողամտութեամբ նայելով: Ապա թէ ոչ երկուքին ալ միանգամայն հաւանութիւն ցուցնելը` նենգամիտ կեղծիք կրնար ըսուիլ: Որովհետեւ թագին առաքումը Յոյներուն կողմէն կանխած էր, անոնց հետ միութենական բանակցութիւնն ալ պիտի կանխէր, եւ պատգամաւորութիւն մը մեկնեցաւ Սիսէ Կոստանդնուպոլիս 1197-ին սկիզբները: Պատգամաւորութեան գլուխը կը գտնուէր արքեպիսկոպոսն Տարսոնի տէր Ներսէս Լամբրոնացի, որ շուտով Լեւոնի մօտ դարձած էր իբրեւ գործակից, երբ անոր առերեւոյթ հեռացումը բաւական չէր եղած Արեւելեայց միտքերը շինել, եւ խզումը իրականացած էր Բարսեղ Անեցիի կաթողիկոս հռչակուելովը: Ներսէսի զայրացկոտ նամակը ոչ թէ ազդեցութիւն մը ունեցեր էր, այլ բոլորովին աւելորդ գործ մը դարձած էր: Լամբրոնացիին կ՚ընկերանային Հալկամ Պապեռոնցին, Լեւոնի մօրեղբայրը, Ռիթայի եւ Բակուրանի եղբայրը, եւ Պօղոս անուն պարոն կամ ազնուական մը ի դրանէն իւրոյ, Լեւոնի պալատական դպիրներէն (ՍՄԲ. 109): Լամբրոնացին խնդամիտ եւ մեծայոյս կ՚երթար Կոստանդնուպոլիս, իր հրաբորբոք իղձերուն կատարումն էր որ իրեն կը յանձնուէր, եւ վերջապէս այնչափ ատենէ ի վեր իր սիրտը տոչորող եկեղեցական միաբանութիւնը իր ձեռքով պիտի կատարուէր: Լեւոն եւ Ապիրատ իրեն հետ համախոհ եւ համաձայն զիջողութեամբ առատանալու, Ալեքսիս եւ Յոյներ նախաձեռնարկ եղած էին որեւէ միաբանութեան մը յանգիլ, ամենայն ինչ բարեգուշակ էր յաջողութեամբ պսակուելու:

1052. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ ՅՈՒՍԱԽԱԲ

Պիտի չերկարենք Ներսէսի եւ Յոյն եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութեանց մասին խօսիլ: Ներսէս իրեն հետ իբրեւ վաւերագիրներ առած էր Երեմիայի, Գերմանոսի, Փոտի, Աթանասի եւ Մանեայ թուղթերը, զորս չենք կրնար ճշդիւ որոշել, բայց ասոնք պիտի ըլլան զսուրբ տառս ըսածները (ՀԱՅ. 425): Հարկաւ զանց ըրած չէր մէկտեղ տանիլ Շնորհալիի եւ Տղայի եւ Հռոմկլայի թուղթերն ալ, իբր հիմնագիր կամ ծրագիր հաստատուելիք միաբանութեան ու համաձայնութեան: Մեր պատմիչները ուզելով բարձրացնել Լամբրոնացիին կարողութիւնը եւ արժանիքը` կը գրեն, թէ Յունաց իմաստուններ հիացան եւ սքանչացան անոր իմաստութեան եւ հմտութեան վրայ: Իսկ Լամբրոնացին թէպէտ երկիւղ իմն զառաջինն բերեալ էր, իբրեւ զաղաւնի ի մէջ բազմաց բազէից խուճապեալ գոլով, բայց ի Հոգւոյն շնորհ խրախուսեալ, ամէնքը յաջողած է լռեցնել (ՀԱՅ. 425), իբր զի գրուած է` թէ հաւանեցոյց զնոսա խելօքն իւրովք (ՍՄԲ. 109): Բայց այդ վերջաւորութիւնը իրական եղած չէ, եւ Լամբրոնացին առանց նպատակին հասնելու եւ առանց համաձայնութիւն հաստատել կարենալու, ցաւօք եւ յուսաբեկութեամբ մեկնած է Կոստանդնուպոլիսէ, ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանի, թէ գտաք զնոսա անծանօթ ի նոցանէ, այսինքն իր ներկայացուցած գրութիւններէն, թանձրաբարբառս եւ հրէական կամօք ընդ նիւթս կապեալք, որք ոչ ախորժեն ծառայել Աստուծոյ նորոգութեամբ հոգւոյն, այլ հնութեամբ գրոյն, եւ ստրջացեալ ի հոգեւոր կամս մեր` դարձաք յիմաստնախորհ յուսոյ նոցա ամօթով (ՀԱՅ. 425): Տեղն է դիտել տալու որ երբ իր եռանդուն փափաքներուն մէջ յուսախաբուած ստրջացեալ էր ի հոգեւոր կամս իր, եւ շօշափելի կերպով կը տեսնէր Յոյներուն նենգամիտ ուղղութիւնը, որ ոչ թէ ախորժեն ծառայել Աստուծոյ նորոգութեամբ հոգւոյն, այլ ընդ նիւթս կապեալք արտաքին շահերու կը հետեւին եւ կ՚ուզեն իրենց ծէսը տարածել, եւ իրենց իշխանութիւնը ընդարձակել, մտածեց արդեօ՞ք Լամբրոնացին, որ իրաւունք ունին եղեր Արեւելեայք, զգուշաւոր ըլլալու, եւ իր հապճեպ զիջողութիւնները մեղադրելու 1045): Լամբրոնացիի պատգամաւորութիւնը կատարուած է 646, այսինքն 1197 թուականին, ինչպէս համաձայն կը նշանակեն պատմիչն ալ (ՍՄԲ. 105) եւ ինքն ալ (ՀԱՅ. 425), այլ դժուար է որոշել թէ տարւոյն որ եղանակին մէջ:

1053. ԾՌԱԶԱՏԻԿ ՄԸՆ ԱԼ

Այդ կէտը անով աւելի կարեւոր էր ճշդել, որ 1197 թուականը ծռազատիկի տարի մըն է, ինչպէս հանդիպած էր 95 տարի առաջ 1102-ին, Վկայասէրի օրով 909), եւ հետաքրքրական էր ճշդել թէ ուր գտնուեցաւ Լամբրոնացին, եւ ինչ վարմունք ունեցաւ այդ մասին: Ծռազատիկը շատ մեծ շփոթ պատճառեց Վրացիներու եւ Հայերու միջեւ Հայաստանի հիւսիսային կողմերը, որ Վրաց իշխանութեան ներքեւ էր, եւ ուր յունական դրութիւնը կը տիրէր: Հայ Օրբելեաններէն, որոնց ազդեցութիւնը մեծ էր, Իւանէ արդէն յունադաւանութիւն ընդունած էր, եւ Զաքարէ հայադաւան մնալով ալ համակերպելու ձեւեր կը փնտռէր 1021), այնպէս որ քաղաքականապէս յունադաւանութիւնը կը զօրանար, մինչ եկեղեցականապէս Արեւելեայք աւելի ամուր էին հայկական դրութեան վրայ: Մոլեռանդութիւնը մինչեւ իսկ մղած է Վրացիները` Հայ եկեղեցի մը կրակի տալ, որուն քաղաքը չէ յիշուած, ուր 40 հոգի ալ միասին այրած են: Բայց Վրացիք չեն կրցած Հայերուն վրէժխնդրութենէն ազատիլ, բայց եթէ տուժելով 100, 000 դահեկան եկեղեցւոյն համար, եւ 40, 000 ալ այրածներուն համար (ՉԱՄ. Գ. 161): Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ ալ Յոյներու ու Լատիններու կողմէն հակառակութիւններ եղած են, բայց նշանակութիւն չեն ունեցած, զի Լեւոն իր իշխանութեամբ եւ զօրութեամբ պաշտպանած է իր եկեղեցին: Ըսել է թէ Ապիրատ ալ զիջողութեան կողմը չէ եղած, եւ այս նշան մըն է որ Լամբրոնացին ալ ազգային տոմարի պաշտպան կանգնած է, եթէ Կիլիկիա կը գտնուէր: Իսկ եթէ նոյն միջոցին Կոստանդնուպոլիս կը գտնուէր, շատ հաւանական կը կարծենք տեղական սովորութեան համաձայնած լինելը: Սմբատի գործածած բացատրութիւնը, թէ մոլորեցան Յոյնք ի զատկէն (ՍՄԲ. 109), բաւական է Կիլիկիոյ մէջ բռնուած ընթացքը ցուցնել: Երուսաղէմ ալ ծռազատիկի շփոթութեանց մեծ կեդրոններէն մէկն էր միշտ, զանազան ազգերու շփման պատճառով, եւ Անեցին այլ ազգք խանգարեցին զզատիկն յիշելէ ետքը, ուրախութեամբ կը յաւելու, թէ սուրբ գերեզմանին լոյսը Հայոց զատիկին վառեցաւ, եւ յամօթ եղեն հակառակորդքն (ՍԱՄ. 145): Միայն ուղիղ չէ Հայոց 646 թիւը 1199-ին համեմատելը, որ Անեցիին տարեգրութեան սովորական սխալն է, իսկ ծռազատիկին 1197-ին ըլլալը տոմարական հաշուով ճշդուած կէտ մըն է:

1054. ԹԱԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Կեղեստինոս Գ. պապը, որ 1911-ին Կղեմէս Գ. յաջորդած էր, նոր խաչակրութիւն մը հրատարակեց, Երրորդին ապարդիւն մնալուն վրայ, իբր անոր լրումը, եւ միշտ Երուսաղէմը նորեն քրիստոնէից ձեռք անցնելու դիտմամբ: Գործադրութիւնը յանձնեց Հենրիկոս Զ. կայսեր, որ իրօք կ՚ուզեր այդ արշաւանքով քաւել պապին կողմէ իրեն դէմ արձակուած վճիռը: Բայց կայսերութեան շփոթութենէն արգիլուելով, վերջապէս 1197-ին բանակ մը ճամբայ հանեց, որուն կ՚ընկերակցէր Կոնրադոս Հերբիպոլսոյ (WՀrzburg) եպիսկոպոսը, կայսերական քարտուղար եւ պապական նուիրակ, որ պապին եւ կայսեր կողմանէ պաշտօն ունէր պսակել Կիպրոսի Ամաւրի եւ Հայոց Լեւոն թագաւորները, որոնք նորէն թագադրութեան համար խնդրանքներ ըրած էին, եւ որոնք այս կերպով պիտի օգնէին Խաչակիր արշաւանքին: Յիշեալ 1197 տարւոյ Սեպտեմբերին կատարուեցաւ Ամաւրիի օծումն ու թագադրութիւնը Նիկոսիոյ մէջ, եւ անտի Կիլիկիա անցնելէ առաջ բանակն ու նուիրակը Ասորիք գացին, ձմեռը չսաստկացած պատերազմի գործը սկսելու եւ յաջողցնելու համար: Սակայն Հենրիկոս կայսեր մահը, որ տեղի ունեցած էր Սեպտեմբեր 28-ին, արգելք եղաւ գործերուն շարունակուելուն: Լեւոն փութացած էր բանակին եւ նուիրակին ետեւէն ղրկել Սսոյ արքեպիսկոպոս Յովհաննէսը, որ նուիրակին հանդիպեցաւ Պտղոմայիսի մէջ, այժմ Աքիա, բայց թագադրութեան անմիջապէս գործադրուելուն անհնարութեան լուրը միայն բերաւ Լեւոնի, նուիրակին Եւրոպա դառնալուն եւ Խաչակիր բանակին ցրուելուն պատճառով: Ասոր վրայ նուիրակութեան ու թագադրութեան պաշտօնը յանձնուեցաւ Մոգունտիոյ (Maիnz) արքեպիսկոպոս Կոնրադոսի, որ միանգամայն Սաբինիոյ (Sabina) կարտինալ եպիսկոպոս էր (ԿԱԼ. 351), եւ ոչ Ս. Սաբինայի եկեղեցւոյն կարդինալ երէց, ինչպէս ոմանք իմացած են (ՍԻՍ. 464): Հռոմի կարդինալներուն առաջին եօթները Հռոմի շրջակայ եպիսկոպոսութեանց անունները կը կրէին, եւ այս թեմերէն մէկն էր Սաբինա, եւ նոյն եօթներէն մեկն էր Մոդունտիոյ քաղաքի արքեպիսկոպոս Կոնրադոսը: Այժմ եօթները վեցի վերածուած են: Լեւոն անգամ մըն ալ յուսախաբ կը մնար իր ակնկալութեանց մէջ, եւ այնչափ փափաքով սպասած թագաւորական օծումին հանդէսը նորէն կը յետաձգուէր: Այստեղ պէտք կը զգանք դիտել տալ, թէ պատմիչներու եւ յիշատակարաններու մէջ տարբերութիւններ կան Լեւոնի թագաւորութեան թուականին մասին: Առաջին անգամ 1190-ին Փրեդերիկոս Բարբարոսսայի թագաւորութիւն խոստանալէն սկսելով, Լեւոն սկսած էր թագաւորի անուն կրել, բայց տակաւին 1198-ին թագադրութեան խնդիրին հետապնդումները կը շարունակէր: Պատմութեանս մէջ ալ յիշեցինք թէ ինչպէս 1194-ին Լամբրոնացին զայն թագաւոր կը կոչէր 1042), 1195-ին Հենրիկոս Կամպանիացին զայն կը թագէր 1050), 1096-ին Ալեքսիս կայսր թագով կը պատուէր 1050), եւ 1098-ին Լամբրոնացին կը գրէր, թէ ինքնակալն հին Հռոմայ` Հեռի եւ նոր Հռոմայ` Ալեքս, պսակեցին զԼեւոն (ՀԱՅ. 427). եւ իրօք ալ 1097-էն ճամբայ ելած էր կայսեր եւ պապին ղրկած թագը Կոնրադոս Հէրբիպոլսեցի նուիրակին ձեռօք: Արդ այս տարբերութիւնները շուտով կը լուծուին թագաւորութեան իրաւունքը եւ թագադրութեան հանդէսը իրարմէ զատելով: Լեւոն թագաւորութեան իրաւունքը եւ անունը ստացած էր 1090-ին, բայց թագադրութեան հանդէսը կը յապաղէր, որ իրաւունքին նուիրագործումը պիտի ըլլար: Մեր օրերն ալ Ռուսիոյ եւ Անգլիոյ վեհապետները, որոնք օծման սովորութիւնը կը պահեն, նուիրական արարողութիւնը իրենց գահ բարձրանալէն տարի կամ տարիներ ետքը կը կատարեն:

1055. ԼԵՒՈՆԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Պատմուած անցուդարձերը եւ դեռ պատմուելիք պարագաները բացայայտ կերպով կը ցուցնեն Լեւոնի միտքին մէջ սեւեռեալ դիտում մը, հարկաւ Արեւմտեան կայսեր կողմէն ճանչցուելու, եւ անոր տուուչութեամբ թագադրութիւն ընդունելու, որով կայսրութեան ենթարկեալ աւատապետներուն դիրքը պիտի ունենար, եւ հետեւաբար Եւրոպական կայսրութեան հովանաւորութիւնը պիտի վայելէր: Բայց ժամանակին տիրող պաշտօնաբաշխութեանց օրէնքին համեմատ, բոլոր արեւմտեան կայսրութեան տուուչութիւնները` Հռոմի պապին հաստատութեամբ եւ օրհնութեամբ կը նուիրագործուէին, եւ Հռոմէական կայսրութիւնը եւ Հռոմէական պապութիւնը իրար լրացնող, միեւնոյն գերիշխան վեհապետութիւնը կը կազմէին: Ասով մէկտեղ ստէպ իրարու հետ համաձայն չըլլալով` ներքին խռովութեանց եւ ընտանեկան պատերազմներու պատճառ կ՚ըլլային, որոնք յայտնի են պատմութեան մէջ Գուելփեանց եւ Գիբելեանց (Guelfi, Ghibellini) անհատնում վէճերով, եւ որոնք զայրացած էին ճիշդ այդ դարուն մէջ, որուն վրայ կը խօսինք: Սակայն իշխանութեանց պաշտօնական յարաբերութիւնը ջնջուած չէր, եւ Լեւոն` որ Արեւմուտքին կը կրթնէր, թէ կայսեր եւ թէ պապին պաշտպանութեանը հետամուտ էր: Այս է Սմբատին գրելը, թէ Հայոց թագաւորութիւնը կը նկատուէր ի հնազանդութիւն եկեղեցւոյն Հռոմայ եւ օնբրունին Ալամանաց (ՍՄԲ. 109): Կիրակոս ալ նոյն միտքը բացատրելով կը գրէ, թէ Լեւոն ոչ կամեցաւ այլում հնազանդիլ վասն թագի, բայց թէ ազգին Ֆռանկաց. միանգամայն եւ պարծանս իւր վարկաւ զսուրբ առաքեալս Պետրոս եւ Պօղոս, որ կան ի Հռոմ քաղաքն, որպէս թէ ի նոցունց առեալ զօրհնութիւն պսակին (ԿԻՐ. 75): Հռոմէադաւան մերայինք, որ Կիրակոսը կը նախատեն երբ Հայ եկեղեցին կը պաշտպանէ, եւ զայն կը նկատեն իբր ի հեռաւոր վայրի եւ ըստ համբաւուց գրող մը, որ խառնէ զստոյգ եւ զանստոյգ, զճահաւոր եւ զանճահ (ՍԻՍ. 468), այս անգամ ամենայն երկիւղածութեամբ կը յարգեն անոր խօսքերը, զորս Հռոմի նպաստաւոր կը կարծեն: Սակայն իրողութիւնը լոկ արտաքին էր. Լեւոն Արեւմուտքին Արեւելքէն աւելի զօրաւոր ըլլալուն համոզուած էր, եւ Յունական կամ Բիւզանդական ու Գերմանական կամ Հռոմէական կայսրութիւններուն մէջէն, երկրորդը կը փափաքէր իրեն հովանաւոր ունենալ: Իսկ այս նպատակին հասնելու համար` պապին հետ ալ յարաբերութեան մէջ ըլլալու էր. եւ չէր վարաներ արտաքին կերպով զայն հաճեցնել, նպատակին հասնելէն ետքը իր ընելիքը իրեն գաղտնիք պահելով, կամ թէ մտերիմներուն ալ յայտնելով, թէ հաճեցից զմիտս նոցա առ անգամ մի կեղծաւորութեամբ (ԿԻՐ. 76): Այս վկայողը նոյն ինքն Կիրակոսն է, որ Պետրոսի եւ Պօղոսի աթոռին օրհնութեան կարեւորութիւնն ալ վկայած էր:

1056. ՀՌՈՄԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Վերջապէս կը հասնի, թէ ոչ անձամբ գոնէ պաշտօնական գրութեամբ` արծուէս (archevesque) մի պատուաւոր, այսինքն արքեպիսկոպոս մը, (ԿԻՐ. 75), որ է նոյն ինքն նոր նուիրակն Կոնրադոս, արքեպիսկոպոս Մոգունտիոյ եւ կարդինալ եպիսկոպոս Սաբինիոյ, բայց թագադրութիւնը չի կատարած Հռոմայ եկեղեցւոյն հետ միաբանութեան խնդիր կը յուզէ: Կարդինալին կատարելիք թագադրութիւնը պապին եկեղեցւոյ կողմէն օրհնութիւն մըն էր, եւ պապը չէր կրնար օրհնել մէկ մը` որ իրեն հետ եկեղեցականապէս եւ հոգեւորապէս միաբանած չըլլար: Այս է խնդիրին էական կէտը եւ իսկական նշանակութիւնը, որուն զգալի նշանները պիտի ըլլան ինչ ինչ արտաքին համաձայնութիւններ: Այս մասին իբր կարդինալէն առաջադրուած պայմաններ, երեք կէտեր միայն կը յիշէ Կիրակոս. 1. Տէրունի եւ սրբոց տօները հաստատուն ամսաթիւերով կատարել, որ է ըսել Հայոց սեփական եօթնեկական դրութիւնը ջնջել: 2. Ժամերգութիւնները եկեղեցւոյ մէջ կատարել, մինչ Հայերը սովոր էին միայն պատարագի համար եկեղեցի մտնել, իսկ ժամերգութիւնները գաւիթին մէջ կը կատարէին, ստիպեալ ի հինահարութեանցն Իսմայէլի: 3. Ծննդեան եւ Յարութեան ճրագալոյցներուն ձուկ ու ձէթ միայն գործածել, եւ ոչ կթեղէն եւ կաթեղէն ալ (ԿԻՐ. 75): Ներսէս Պալիեանցի յիշատակներուն մէջ ուրիշ երկու պայմաններ ալ կը յիշուին, այսինքն է, 1. Հայ տղայոց լատին լեզու սորվեցնել: 2. Պայմանեալ ժամանակամիջոցներուն Հայոց կաթողիկոսին կողմէն արգադիր նուիրակներ յղել Հռոմ (ՍԻՍ. 468) որ է Հռոմի հպատակ եպիսկոպոսներուն վրայ դրուած, ի սեամս առաքելոց (ad limina apostolorum) այցելութեան պարբերական պարտքը, իբրեւ նշանակ հպատակութեան եւ առիթ ընծայաբերութեան: Բայց ասոնք լոկ արտաքին պայմաններ են, որոնք պապին ուզածին ոչ իսկութիւնը, այլ նշանները պէտք է ճանչցուին, եւ էականը եղած պիտի ըլլայ դաւանութեամբ եւ վարդապետութեամբ եւ հպատակութեամբ Հռոմի եկեղեցւոյն հետ ամենայնի միաբանիլ: Կիրակոս դրամական պայմանի մըն ալ յիշատակութիւն ունի, այսինքն է իր առաջարկներուն ընդունելի եղած ատեն` թագադրութիւնը ձրի ընել, թէ ոչ այնչափ գանձս առնուլ ոսկւոյ եւ արծաթոյ եւ ականց պատուականաց (ԿԻՐ. 75): Մենք այդ կէտն ալ շփոթ իմացուած կը կարծենք, որովհետեւ չենք կարծեր թէ կարդինալը իր գանձելիք իրաւունքէն հրաժարիլ ուզէր, այլ կ՚երեւի թէ դրամական կարեւոր նպաստի ալ խոստում մըն էր, եթէ միաբանութեան պապական պայմանը ընդունելի ըլլար: Այս կարծիքնիս կը հաստատուի ապագային մէջ ստէպ խոստացուած, եւ երբեմն ալ տրուած, դրամական նպաստներով:

1057. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ ԱՏԵՆԱԲԱՆ

Պատմիչը կը գրէ. Լեւոնի կոչեալ զկաթողիկոսն եւ զեպիսկոպոսսն` հարցանէր թէ զի՞նչ պատասխանի տացեն պատգամին (ԿԻՐ. 75): Մենք կը կարծենք թէ այս առթիւ հաւաքուած է աստուածախումբ եւ տիեզերական ժողով Տարսոնի, հրաւիրուած ի համահրեշտակ կաթողիկոսէն Հայոց Գրիգորէ, յեղբօրորդւոյ սրբոյն Ներսէսի Կլայեցւոյ, որ է Շահանի որդին Գրիգոր Ապիրատ, եւ ի քրիստոսապսակ արքայէն Հայոց Լեւոնէ, որ արդէն այդ անունը կը կրէր եւ պսակեալ կը սեպուէր Քրիստոսէ, թէպէտ պապէն ու կայսրէն պաշտօնապէս պսակեալ չըլլար: Ժողովը նպատակ ունէր որոշում տալ սակս միութեան (ՏՂԱ. 93), որովհետեւ այս էր տիրապէս Հռոմէ առաջարկուածը, քան թէ քանի մը ծիսական զգալի պայմաններ: Եթէ երբեք պիտի ընդունինք, թէ Լամբրոնացին Ով հարք սուրբք ատենաբանութիւնը իսկապէս ժողովի մը մէջ խօսած է, այդ առիթէն տարբեր պարագայի չենք կրնար յարմարցնել, որովհետեւ ինչպէս իր տեղը յիշեցինք, այն բնաւ չի յարմարիր 1179-ին գումարուած Հռոմկլայի ժողովին 1010): Իսկ ընդհակառակն եթէ Տարսոնի ժողովին թուականը նշանակուած ՈԻԶ թուականը` ՈԽԶ կարդանք, ճշդութեամբ կը գտնենք ժողովին ալ թուականը 1197, մինչ 1177-ին ոչ Տարսոն ժողով գումարուեցաւ, եւ ոչ Հայոց ժողով գումարուիլ հնար էր, Տարսոն տակաւին յունական իշխանութեան ներքեւ լինելուն: Մենք կը սիրենք նախադասել այն տեսութիւնը, որով յիշեալ ատենաբանութիւնը լոկ գրական երկասիրութիւն մը կը նկատուի, միութեան օգուտը բարձրացնելու եւ պէտքը հաստատելու նպատակով գրուած, եւ ոչ իրօք ժողովական գումարման մէջ արտասանուած բանախօսութիւն մը: Այդ տեսութեան մեզ կը համոզեն, նախ ատենաբանութեան տարապայման երկարութիւնը (ՏՂԱ. 95-205), որչափ ինչ ներելի չէր խօսակցութիւնը երկարել` բանակցութեան համար հաւաքուած ժողովքի մը առջեւ: Երկրորդ նպատակին անորոշութիւնը, մինչ կնքուելիք միաբանութիւնը որոշակի գործողութիւն մը պէտք էր ըլլար: Հռոմկլայի մէջ Յունաց հետ, իսկ Տարսոնի մէջ Լատինաց հետ միաբանութիւնն էր խնդիրի նիւթը, եւ ատենաբանին պարտքն էր մօտէն շօշափել առջեւ դրուած խնդիրը. մինչեւ ատենաբանութիւնը եւ ոչ իսկ կը յայտնէ, թէ որոնց հետ կնքուելիք միութեան վրայ կը խօսի: Երրորդ դիտողութիւննիս ատենաբանութեան մէջ պատմական եւ դիպուածական պարագայից վրայ պահուած լռութիւնն է, մինչ ժողովի մը առջեւ խօսող ատենաբան մը, մանաւանդ Լամբրոնացիին պէս ճարտար ատենաբան մը, չէր կրնար ընդհանրութեանց մէջ ճախրել, առանց այժմէութեանց մտնելու, պարագաներ պարզելու, պայմաններ բացատրելու, եւ անոնցմէ իր նպատակին համար փաստեր քաղելու: Վերջապէս Լամբրոնացիին ծանօթ ատենաբանութեան մէջ նկատի չեն առնւած Հռոմի եկեղեցիէն անհրաժեշտաբար պահանջուելիք կէտերը, որոնք են Հռոմի եկեղեցւոյն գլխաւորութեան եւ Հոգւոյն Սրբոյ եւ յՈրդւոյ բղխման խնդիրները, իսկ երկու բնութեանց եւ ջրախառն բաժակին եւ ծննդեան տօնին կէտերն ալ թեթեւակի շօշափուած են, մինչ ընդարձակ եւ երկար ատենաբանութիւնը ընդհանուր կերպով միութեան պէտքը եւ գովեստը կ՚ընդլայնէ. նոյնիսկ ազգային յիշատակներէն ալ կեղակարծ եւ անստոյգ պարագաներ` յիշելով: Այդ տեսութիւններով Լամբրոնացիին Ով հարք սուրբք ատենաբանութիւնը` լոկ գրական երկասիրութիւն կը նկատենք, եւ անոր վերլուծութիւնը զանց կ՚ընենք, քանի որ բնաւ պատմական պարագայ մը պիտի չկարենանք քաղել եղելութեանց ընթացքը ճշդելու:

1058. ՏԱՐՍՈՆԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Լեւոնի գումարած ժողովին հայրերը, կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսները, ոչ հաւանեցան առնել զխնդիրն (ԿԻՐ. 76), եւ չի համակերպեցան նուիրակին առաջարկներուն, որոնք եթէ նշանակուած արտաքին կէտերն էին միայն, թէրեւս Ապիրատն ալ` եւ իր խորհրդակից եպիսկոպոսներն ալ դժուարութիւն չի զգային համակերպիլ: Ուստի հարկաւ անոնցմէ զատ եւ աւելի ծանր կէտեր առաջարկուած են Հռոմէական եկեղեցւոյ հետ կատարեալ միութիւն կնքելու, իսկ կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսներ` Արեւելեայց գրգռութեան առիթ տալէ եւ անոնց գանգատները եւ ընդդիմութիւնները արդարացնելէ զգուշացած են: Երբոր Լեւոն կը տեսնէ որ Տարսոնի գումարման ելքը յաջող չեղաւ, եւ թագադրութեան գործը կրկին կը վտանգուի, նոր միջոց մը կը մտածէ նուիրակը հաճեցնելու: Օրհնութիւնը եւ օծումը ընդունողը ինքն պիտի ըլլար, եւ ոչ եպիսկոպոսները, հետեւաբար ինքն իրեն համար ամէն պայմաններ կ՚ընդունէր, եւ համարձակ կը յայտարարէր, թէ զոր ինչ հրամայէ ինքնակալ կայսրն եւ պապն մեծ, անյապաղ առնեմք զամենայն: Իսկ կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսներն ալ լռեցնելու եւ ընդդիմութիւն չի յարուցանելու համար, մտերմաբար կը վստահացնէր, դուք մի ինչ հոգայք վասն այդորիկ, ես հաճեցից զմիտս նոցա առ անգամ մի կեղծաւորութեամբ (ԿԻՐ. 76): Սակայն Լեւոնի առաջարկը չբաւեց նուիրակ կարդինալը գոհացնել, որուն նպատակը տիրապէս եկեղեցական էր. եւ կ՚ուզէր առիթէն օգտուիլ Հայոց եկեղեցին Հռոմէականին հպատակեցնելու համար: Պատմիչներ մեզի մանրամասնութիւններ չեն հաղորդեր, թէ ինչպէս կրցան վերջիվերջոյ երկու կողմերը համաձայնութեան մը յանգիլ, որովհետեւ հաւանեցոյց Լեւոն զեպիսկոպոսն յանձն առնուլ զերդումն, եւ արարին եպիսկոպոսք զբանն երդմանն (ԿԻՐ. 76): Հաւանական ենթադրութիւնն է, թէ նուիրակ կարդինալը թեթեւցուց հետզհետէ պահանջուած պայմանները, որովհետեւ չենք ուզեր ենթադրել թէ կաթողիկոս եւ եպիսկոպոսներ ալ համաձայնած ըլլան Լեւոնի պէս նուիրակը հաճեցնել առ անգամ մի կեղծաւորութեամբ: Երդումն ըսուածը համաձայնութեան ծրագիրի մը ստորագրութիւնն է անշուշտ, իսկ համաձայնութիւնը տուողներ ալ բոլոր ժողովական եպիսկոպոսներ չեղան, այլ միայն 12 եպիսկոպոսներ աւելի համակերպողներէն, որոնք Լեւոնի անձնական բարեկամութեամբ, անոր քաղաքական նպատակին օգնողներ, կամ թէ ըսենք, Կիլիկիոյ պետական եւ զինուորական յաջողութեանց փափաքողներ էին: Այս 12 եպիսկոպոսներէն կը յիշուին միայն Ներսէս Տարսոնի, Յովսէփ Անտիոքի, Յովհաննէս Սսոյ եւ Անանիա Սեբաստիոյ(ԿԻՐ. 76), իսկ միւս 8 եպիսկոպոսներ այստեղ չեն յիշուիր. այլ հարկաւ սոյն 14-երուն մէջէն էին, որոնք թագադրութեան հանդէսին ներկայ եղան (ՍՄԲ. 110): Միւս կողմէն Լատիններն ալ փափաքով էին գործը որեւէ կերպով վերջացնելու: Նոյն 1198 տարւոյ Յունուար 8-ին Կեղեստինոս Դ. յաջորդ ընտրուած էր Իննովկենտիոս Գ., այն որ իրաւամբ պապական ազդեցութիւնը գագաթնակէտին հասցուցած կը ճանչցուի, գործունեայ եւ ձեռնարկու անձ մը, որ առջի օրէն սկսած էր նոր խաչակրութեամբ Երուսաղէմը վերստին գրաւելու գաղափարը մշակել, եւ այս նպատակին համար Հայոց թագաւորութեան օժանդակութիւնը մեծապէս օգտակար պիտի ըլլար: Ուստի հաւանական է որ Իննովկենտիոսէ նոր հրահանգներ հասած ըլլան գործը դիւրացնելու եւ թագադրութիւնը կատարելու, Լեւոնն ու Հայերը շահելու համար:

1059. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻԻ ՄԱՀԸ

Այդ եղելութեանց թուական պիտի նշանակենք 1198 տարւոյ Մայիս եւ Յունիս ամիսներու միջոցը: Համաձայնութեան մասնակցողներուն գլուխը կը յիշուի Լամբրոնացիին անունը (ԿԻՐ. 76), որուն մահը տեղի ունեցած է նոյն տարի (ՍՄԲ. 109), Յուլիս 14-ին նոր Յայսմաւուրքին համեմատ (ՅԱՍ. Բ. 24), կամ Յուլիս 17-ին հին Յայսմաւուրքին համեմատ (ՅԱՅ. 660) եւ անհրաժեշտաբար այդ թուականէն առաջ պէտք է կատարուած ըլլայ համաձայնութիւնը: Սակայն նկատելով որ թագադրութեան հանդէսը մինչեւ յաջորդ Յունուար 6-ը կը յետաձգուի, որչափ ալ պատրաստութեանց համար միջոց մը նշանակել պէտք ըլլայ, սակայն վեց ամիս յետաձգումը մտածել կու տայ թէ ընդհանուր համաձայնութիւն մը գոյանալէ ետքը, Լամբրոնացիին մահէն ետքն ալ մանրամասնութեանց վրայ բանակցութիւններ շարունակեցին, մինչեւ որ կարդինալ նուիրակը իրողութիւնը իսկութեամբ Իննովկենտիոսի հաղորդէր, եւ հաւանութիւնն ու հրահանգները ստանար: Որչա~փ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այդ կարեւորագոյն միջոցին փոխանակուած գիրերը, կամ պաշտօնապէս կազմուած համաձայնութիւնները մեզի հասած ըլլային, որոնցմէ կարենայինք ամենայն ճշդութեամբ եւ կատարեալ մանրամասնութեամբ քաղել պէտք եղած տեղեկութիւնները. մինչ այժմ անուղղակի ակնարկներու մեկնութեամբ եւ ժամանակագրական համեմատութիւններու պահանջմամբ պարտաւորուած ենք պատմական յարակցութիւնները կազմել եւ դիպուածներուն կապակցութիւնը բացատրել: Ամէն առթի մէջ շատ յստակ կ՚երեւի, թէ Հռոմի հետ եղած յարաբերութիւնները, եւ փոխադարձաբար հաստատուած համաձայնութիւնները, շատ հեռու են եկեղեցական առմամբ Հայոց եկեղեցւոյ կատարեալ եւ պաշտօնական եւ աւանդական արտայայտութիւնն ըլլալէ: Բոլոր խնդիրը քաղաքական թագադրութեան շուրջը կը դառնայ, թագը Արեւմուտքէ ընդունիլ օգտակարագոյն կը տեսնուի, անոր յաջողութեան համար կրօնական պայմաններ կ՚առաջարկուին, թագաւորը անոնց նշանակութիւն չտար, եւ զիջողութեան ալ պարտաւորիչ հետեւանք ունենալուն չի հաւատար, եպիսկոպոսութիւնը կ՚ընդդիմանայ ժողովով, վերջապէս անոնցմէ ոմանք կը հաւանին քաղաքական օգուտին սիրոյն, իսկ հաւանելէն ետքն ալ` գործնական արդիւնաւորութիւն չտրուիր եղած համակերպութեան, եւ գործեր կը շարունակեն ինչպէս որ էին առաջ: Միթէ հնար է՞ այդ պայմաններու ներքեւ Հայ եկեղեցւոյ անկեղծաւոր եւ ճշմարիտ եւ վաւերական դաւանութիւնը տեսնել: Ի՞նչ ոյժ կրնան ունենալ Հայ եկեղեցւոյն մասին հռոմէադաւանութեան պնդումները, երբ այսպիսի տկար եւ անկայուն հիմերու վրայ կը դնեն իրենց ցուցմունքները:

1060. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Ժամանակագրական կարգը եւ անձին կարեւորութիւնը կը պահանջեն, որ պահ մը կանգ առնենք Լամբրոնացիին շիրմին առջեւ, ուր այդպէս տարաժամ կը փակուի գործունեայ կեանք մը, անզուսպ գործիչ մը: Հազիւ 45 տարեկան էր Լամբրոնացին մեռած ատենը, ծնունդը 1153-ին եւ մահը 1198-ին տեղի ունեցած ըլլալով, թէպէտեւ Յայսմաւուրքներէն հինը 32 (ՅԱՅ. 660) եւ նորը 38 տարի (ՅԱՍ. Բ. 24) կը նշանակեն: Մեծն Ներսէսէ ետքը, որ 47 տարեկան վախճանելով ընդարձակ գործունէութեան արդիւնքները թողուց իր ետեւէն 155), երկրորդ Ներսէս մըն է Լամբրոնացին որ 45 տարեկան վախճանելով ալ` գրական եւ վարչական եւ գործնական արդիւնաւորութիւններ ունեցած էր: Երրորդ Ներսէս մըն ալ տեսանք մեր օրերը, Վարժապետեանը, որ 46 տարեկան մեռած ատեն արդէն 10 տարի պատրիարքութիւն վարած եւ նշանաւոր ձեռնարկներ կատարած եւ կաթողիկոսութեան ընտրուած էր: Լամբրոնացիին վախճանը պէտք է վերագրել ներքին ախտաւոր կազմուածքի, եւ աւելի հաւանականութեամբ թոքի կամ սիրտի տկարութենէ յառաջ եկած յանկարծական մահուան: Յախտ ինչ անկանէր հարկաւոր կրից աղցաւոր բնութեանս, կը գրէ Սկեւռացին (ՍՈՓ. ԺԵ. 60), եւ Յայսմաւուրքը կը ճշդէ, թէ Տարսոնի եկեղեցւոյ մէջ քարոզ տուած ատեն կալաւ զնա ուժգին ցաւ ապստամբ ի բժշկական դեղոց (ՅԱՅ. 600), եւ քիչ ետքը աւանդեց հոգին: Ստոյգ ալ այդ տեսակ մահերը սովորական են ախտաւոր սիրտ ունեցողներուն: Իսկ Լամբրոնացիին այդպիսի ախտի ենթակայ եղած ըլլալը յայտնի կ՚ըլլայ նաեւ իր սրտնեղ եւ զայրացկոտ եւ յուզուած գործունէութենէն, որուն նշանակները տեսանք եւ գլխաւորապէս Լեւոնի գրած նամակին մէջ 1043): Հնար է Լամբրոնացիին ամէն գործերուն եւ նպատակներուն համամիտ չը գտնուիլ, բայց հնար չէ հիացմամբ չդիտել անոր բարձր միտքը, անխոնջ աշխատանքը, եւ անկեղծ իղձերը, եւ չզարմանալ անոր վրայ միացած տարբեր կերպարաններուն վրայ: Երբեմն ճգնասուն անապատակեաց եւ երբեմն գրասէր մատենագիր, երբեմն ժողովրդային հովիւ եւ երբեմն արքունիքի խորհրդական: Մէկ կողմէն առաքինի եւ չափաւոր, միւս կողմէն զայրացկոտ եւ անհամբեր, մերթ աշխարհէ բոլորովին հրաժարած եւ մերթ աշխարհային գործերու գլխաւոր շարժիչ: Այդ տարբեր կերպարանները միացնողը բուռն եռանդն էր, բուռն կիրքերու հետ ձուլուած, որոնք կը տիրէին անոր հոգւոյն, եւ ինչ բանի ալ ձեռնարկէր` մեղմ եւ հանդարտ գործունէութիւն պահել չէր կրնար: Արդ երեսէն եթէ միշտ գովելի եղաւ իր անխոնջ աշխատասիրութեամբը, չի կրնար միեւնոյն գովեստի արժանանալ զգուշաւոր խոհեմութեան տեսակէտէն: Շատ աւելի բարձր պիտի նկատէինք իր արժանիքը, եթէ գիտնար ճարտարութեամբ իրենները շահիլ, քան թէ երբոր օտարներու սիրելի կ՚ըլլար: Աւելի արդիւնաւոր պիտի ըլլային իր ճիգերը, եթէ եկեղեցւոյ մէջ գժտութիւնները չի զայրացնէր եւ մինչեւ կաթողիկոսական բաժանման չմղէր, քան թէ երբ բուռն յարձակումներով, կծու հեգնութիւններով, եւ նախատալից պատասխաններով` Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի մէջ բաժանման վէճ մը կը ստեղծէր, առանց մտաբերելու թէ մինչեւ ուր կրնար յառաջանալ բացուած պատռուածքը: Իր մատենագրական երկասիրութիւններուն ընդարձակ ցուցակը կազմել, եւ անոնց արժանիքը ցուցնել, յատկապէս մատենագրութեամբ զբաղողներուն կը թողունք, բայց իր հրատարակուած եւ չհրատարակուած գործերը գրական ընդարձակ արդիւնաւորութիւն կը պարունակեն:

1061. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻԻՆ ԴԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր նպատակին համար աւելի կարեւոր է Լամբրոնացիին տեսութիւնները ճշդել դաւանական վարդապետութեանց եւ միութեանց խնդիրին մէջ: Պէտք է խոստովանիլ թէ ինքն չստեղծեց այդ խնդիրը, որուն հեղինակը եղած էր Ներսէս Շնորհալին` իր հոգեւոր ծնողը, եւ մշակողն եղած էր Գրիգոր Տղայն` իր հոգեւոր տէրը, բայց ինքն այնպէս մը փարեցաւ այդ գործին, որ կատարելապէս իւրացուց, եւ անոր ուրոյն կերպարան մը տուաւ: Սակայն միութեան անպայման պաշտպան ըլլալով հանդերձ, եւ օտարասիրութիւնը մինչեւ վերջին ծայրը տանելով մէկտեղ, Լամբրոնացին օտարին հպատակելու չհասաւ, եւ այս կէտն է զոր կ՚արժէ լաւ լուսաբանել: Լամբրոնացին թէ Յոյնին եւ թէ Լատինին հետ հաւասար եռանդով բանակցեցաւ, բայց երբեք մին կամ միւսն իրեն չսեփականեց. ինքն է որ այդ կը շեշտէ. Եթէ ես միոյ ազգի ջատագով էի, ընդ այլսն ե՞րբ էր կար հաղորդիլ. բայց ընդ իւրաքանչիւրսն որ միմեանց թշնամիք են` խառնիմ (ՏՂԱ. 220): Ուրեմն ոչ յունադաւան եղաւ, եւ ոչ հռոմէադաւան, այլ իսկապէս հայադաւան մնաց, որ այլադաւանէն չի խորշիր, եւ տարբեր դաւանութիւնները իրարու միացնելու սկզբունքն ունի: Նա իր եկեղեցւոյն մէջ շատ անբարեկարգութիւններ տեսաւ, եւ ամէնքն ալ անխնայ կշտամբեց, եւ համարձակ կը յայտարարէր, թէ ես գիրք մի բովանդակ եմ գրեալ զՀայոց ազգիս անկարգութիւնս` որ յետոյ մտեալ են (ՏՂԱ. 246), բայց անկարգութիւնը մոլորութենէ կը զատէ: Երբ խօսքը ուղղափառութեան վրայ է, այլեւս ամբաստանող չէ, այլ պաշտպան կը դառնայ. Կարող եմք, կ՚ըսէ, շնորհիւ գիտութեանս զոր ունիմք ի սուրբ գիրս, ափիբերան առնել զՀելլէնացին, թէ զՀայն խորշեալ կարծիցէ յուղղափառութենէ (ՏՂԱ. 235): Լուսաւոր օրինակ մըն է այդ բանին վերջին անգամ Կոստանդնուպոլսոյ պատուիրակութեան մէջ ունեցած ընթացքը 1052), զոր կրկնել աւելորդ կը սեպենք: Անհերքելի փաստ մըն է այդ մասին առ Ոսկան Անտիոքացի արգելական ճգնաւոր` գրած նամակը, յունադաւան մոլեռանդներուն պետը` որ Հայերը կրկին կը մկրտէին, ըսելով թէ երկու բնութիւն չեն ըսեր, Քաղկեդոնը չեն ընդունիր, Յոյներէն ձեռնադրութիւն չեն ընդունիր, եւ քահանայապետութեան շարունակութիւնը կորուսած են: Այն Լամբրոնացին, որ իր եկեղեցւոյն անկարգութիւններուն դէմ կը մաքառէր, այս անգամ նոյնչափ եւ աւելի եռանդով օտարներուն դէմ կը բորբոքի, եւ կը պաշտպանէ, թէ մի բնութիւն ըսել սխալ չէ, թէ Քաղկեդոնը չընդունիլ մոլորութւին չէ, թէ Յոյներէն ձեռնադրութիւն ստանալու պարտք չկայ, թէ Հայոց քահանայապետութիւնը անխախտ է, թէ Սահակի տեսիլքը Լուսաւորչի ազգատոհմին վրայ սահմանափակուած է: Առանց ուզելու ցուցմանց մէջ երկարել, համարձակ կը յայտարարենք թէ Լամբրոնացին յունադաւան չէ, եւս առաւել հռոմէադաւան չէ, եւ ի զուր անունով կ՚ուզեն պարծենալ նոր հռոմէադաւանները, եւ անոր վրայ հիմնել իրենց դրութիւնը, զայն մինչեւ եօթներորդ երկինք բարձրացնելով (ՍԻՍ. 93):

1062. ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻԻՆ ՏՕՆԸ

Լամբրոնացին տօնելի սուրբերու հետ դասակարգելու սկզբնաւորութիւնը վերջին դարուն մէջ տեղի ունեցաւ, եւ նախ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սկսաւ, միութենական նոր ճիգերու առթիւ, բայց Մայրաթոռին մէջ չընդունուեցաւ եւ շուտով Կոստանդնուպոլիս ալ դադարեցաւ, եւ միայն Երուսաղէմի օրացոյցը կը յամառի տակաւին զայն պահել` իր տպած տօնացոյցին իսկ հակառակ (ՏՕՆ. 240): Հռոմէադաւանք ալ ունին նոյն տօնը, Լամբրոնացիին անունին Յայսմաւուրքի մէջ անցնելուն վրայ հիմնուելով (ՅԱՍ. Բ. 240), ուր բոլոր Ռուբինեանց տարեդարձները յիշուած են, տարելիցի եւ ոչ տօնի նշանակութեամբ: Սուրբ հայրն բացատրութիւնն ալ շատ սովորական կոչում մըն է ամէն եկեղեցականներու, եւ նոյն իսկ կենդանիներու տրուած, եւ բնաւ ոյժ չունենար այդ բառով պաշտպանել Լամբրոնացիին տօնելի սուրբ ըլլալը (ՍԻՍ. 94): Եթէ Գրիգոր Սկեւռացին շատ շողշողուն ներբողական մը նուիրած է անոր յիշատակին (ՍՈՓ. ԺԵ. ), եւ եթէ Խաչատուր Լամբրոնացին գեղեցիկ ոտանաւոր մը գրած է անոր պատւոյն (ՍԻՍ. 94), երկուքն ալ իր աշակերտներն են, եւ անձնական իղձերնին յայտնած կ՚ըլլան: Եթէ ուրիշներ ալ զանազան առիթներու մէջ առատ գովեստներ շռայլած են անոր անունին, ասոնք տօնելիութեան փաստ չեն ըլլար, այլ արդիւնաւորութեան վկայութիւններ, զոր ոչ ոք պիտի ուրանայ: Լամբրոնացիին կեանքը կատարեալ աշխատութիւն եւ կատարեալ արդիւնաւորութիւն եղած է աներկբայաբար, յայտնուած է իբրեւ արթուն հովիւ, ճշմարիտ կրօնաւոր, աղօթասէր ճգնաւոր եւ անընչասէր. փայլած է իբրեւ գիտուն, իմաստուն, ճարտարախօս եւ մատենագիր. եղած է անձնուրաց, օրինապահ եւ բարեկարգիչ. ունեցած է եկեղեցւոյ նախանձ, բարեկարգութեան եռանդ եւ ուղղութեան համոզում. եւ ամէնէն աւելի ոգւով փարած է բոլոր եկեղեցիները միացնելու բարձր` բայց անգործադրելի խորհուրդին: Այսու ամենայնիւ շատեր շատ պիտի վարանէին` առ Լեւոն նամակին մէջ յայտնուած` քինախնդիր, անձնագով, հակառակասէր եւ զայրացկոտ գրիչին հեղինակը, ոչ թէ իբր սուրբ մը, այլեւ ոչ իբր օրինակելի տիպար մը ներկայել, նոյնիսկ ընդունելով, որ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ զգացած յուսախաբութենէն ետքը, փոխած ըլլայ իր միտքը, ստրջացեալ ի հոգեւոր կամս իւր (ՀԱՅ. 425):

1063. ԹԱԳԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Լամբրոնացին 1198 Յուլիս 14-ին կամ 17-ին վախճանելովը 1059), չկրցաւ ներկայ ըլլալ թագադրութեան հանդէսին` որ արտասովոր շքով կատարուեցաւ վեց ամիս ետքը 1199 Յունուար 6ին, Աստուածայայտնութեան տօնին, չորեքշաբթի օր: Թագադրութեան օրը շատերէ 1198 Յունուար 6-ին գրուած էր հետեւելով Չամչեանի հաշիւին (ՉԱՄ. Գ. 165), եւ վերջերս Տէր-Միքէլեան ալ նոյնը կը պնդէր (ՍԱՄ. 296), ի զուր եւ վարկպարազի սեպելով Ալիշանի ժամանակագրութիւնը որ 1199 Յունուար 6-ին կը դնէ զայն ((ՍԻՍ. 470): Առաջիններուն հիմնական փաստն էր Սմբատի վկայութիւնը թէ ի թուին ՈԽԷ Յունուարի 6, յօր յայտնութեանն օծեցին զԼեւոն (ՍՄԲ. 109), 647 տարին համեմատելով 1198-ին, երկու թուականներու մէջ 551 տարիներու տարբերութեան ընդհանուր հաշուով: Սակայն Հայոց թուականը շարժական հաշուով կը գործածուէր, եւ յիշեալ ՈԽԷ թուականը սկսած էր 1198 Յունուար 31-ին, Աստուածայայտնութեան Յունուար 6-ը անցնելէն ետքը, որով ՈԽԷ թուկանին մէջ յիշեալ տօնը կ՚իյնար 1199 Յունուար 6-ին, կամ հայկական ամիսներով` հրոտից ամսոյն 11-ին, եւ այն օր կատարուեցաւ մեծահանդէս թագադրութիւնը: Այդ հաշիւը կը հաստատուի եւս դիտելով, որ հանդէսին ներկայ եպիսկոպոսներուն մէջ չի յիշուիր Ներսէս արքեպիսկոպոսն Տարսոնի եւ Լամբրոնի, այլ ներկայ են տէր Վարդան արքեպիսկոպոս Լամբրոնին եւ առաջնորդ Սկեւռուն, եւ տէր Ստեփանոս արքեպիսկոպոս Տարսոնի եւ տէր Մլիճոյն (ՍՄԲ. 110): Իսկ նոր թեմակալներ անուանուած չէին ըլլար, եթէ Ներսէս արդէն մեռած չըլլար, որով մտացածին կը դառնայ պատմել թէ առաջիկայ գտաւ եւ Ներսէս Լամբրոնացի, եւ արար զատենախօսութիւն շքեղ (ՉԱՄ. Գ. 166): Թագադրութիւնը կատարուեցաւ ի Տարսոն քաղաքն (ՎԱՀ. 215), բայց այդ հանդեսը տարբեր էր անկէ` զոր Լամբրոնացին կը յիշէ, թէ երկու կայսրները պսակեցին զԼեւոն քարամբ պատուականաւ յեկեղեցի Տարսոնի, որ իմ անարժանութեամբս հովուի (ՀԱՅ. 427): Թագերուն առաքումները թէ Ալէքսէ եւ թէ Հէնրիկոսէ նիւթապէս կանխեցին, եւ հանդիսական օծումէն եւ թագադրութենէն առաջ պարզ օրհնութիւն մը կատարուած պիտի ըլլայ նոյն ինքն Լամբրոնացիին ձեռքով: Երրորդ թագ մըն ալ կը յիշեն օտարներ Պաղտատի ամիրապետէն ղրկուած (ՍԻՍ. 465), որ այն ատեն էր Նասր Լէտինալլահ` անուանական կամ լոկ կրօնական ամիրապետութեան գահակալը, որ Մըքթաֆի-Լիամրուլլահի 933) երրորդ յաջորդն էր, Մըսթանխէտ-Պիլլահէ եւ Մըսթատի-Պիամրուլլահէ ետքը աթոռ բարձրացած 1180-ին, եւ 45 տարի պահած մինչեւ 1225, հակառակ Թուրք ցեղերու յարձակմանց, որոնք ստիպուեցան Պաղտատը ազատ թողուլ Ճէնկիզխանի նոր արշաւանքին պատճառով (ՎԵՐ. 496): Ամիրապետէն եկած թագին մասին ազգային յիշատակներ բնաւ տեղեկութիւն չունին:

1064. ԹԱԳԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Թագադրութեան հանդէսը, որ Տարսոնի եկեղեցւոյն մէջ կատարուեցաւ, հետեւողութիւն էր Արեւմուտքի մէջ սովորական եղած պաշտօնաբաշխութիւն կամ զգեստաւորութիւն (investitura) կոչուած արարողութեան, որ պէտք էր կատարուէր յանուն կայսեր եւ պապին, եւ գործադիրն ալ կարդինալ Կոնրադոս արքեպիսկոպոսէ զատ մէկ մը չէր կրնար ըլլալ, վասնզի նա էր պապական եւ կայսերական նուիրակը, յատկապէս այդ պաշտօնին նշանակուած: Հետեւաբար նա նախ թագաւորական թագը օրհնութեամբ եւ աղօթքով Լեւոնին գլուխը դրաւ, եւ Լեւոն պսակուեցաւ ի հնազանդութիւն եկեղեցւոյն Հռոմայ եւ օնբրունին Ալամանաց (ՍՄԲ. 109), այսինքն է եղաւ Հռոմէական կայսրութեան եւ պապութեան միացեալ գերիշխանութեան հպատակ աւատապետ մը, անոր հովանաւորութիւնն ու պաշտպանութիւնը վայելելու իրաւամբ: Բայց հանդէսը երկրորդ մաս մըն ալ ունէր, որ է օծումը, եւ զայն կատարեց Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոսը, զեկեղեցին անդ ժողովեալ, եւ օրինօք զնա օծեալ, տան Թորգոմայ թագաւորեալ (ՎԱՀ. 215): Արարողութիւնը կատարուած է Լատին եկեղեցւոյ կանոնին համեմատ, զոր կանուխէն թարգմանած էր Լամբրոնացի 1023), եւ որուն պատճէնը հրատարակեց Ալիշան (ՍԻՍ. 472-475): Պահանջ մըն է՞ր այս արդեօք Լատին նուիրակին կողմէն, թէ յօժարակամ հաճոյակատարութիւն մը Հայոց կողմէն, չենք գիտեր. բայց Հայերը պէտք է իրենց սեփական ծէսն ու կանոնը ունեցած ըլլային կանուխէն, Բագրատունի թագաւորներու հաստատութեան համար գործածուած, սկսելով Գէորգ Գառնեցիի ձեռքով Աշոտի եւ Սմբատի վրայ կատարուած նախընծայ արարողութիւններէն: Անոր բախտին մասնակից գտաւ Գրիգոր Ապիրատն ալ` Ռուբինեան թագաւորներու շարքը նուիրագործելով: Հարկաւ 78 տարեկան ծերունին ուրախացած է մեծապէս այդ բարեյաջող եղելութեան կատարիչն ըլլալուն, զոր խնդութեամբ կ՚ողջունեն բոլոր պատմագիրներ (ՍՄԲ. 109, ՎԱՀ. 215, ԿԻՐ. 76), եւ լիաշուրթն փառաբանութիւններ կը բարձրացնէ Անեցիին շարունակողը, աւելցնելով եւս, թէ Լեւոն այս կերպով նորոգեաց եւ պայծառացոյց զեկեղեցի (ՍԱՄ. 145):

1065. ՀԱՆԴԷՍԻՆ ՆԵՐԿԱՆԵՐ

Թագադրութեան հանդէսին համար, հաւաքուեցաւ ժողով բազմութեան յոյժ (ԿԻՐ. 76), որուն գլուխը յանուանէ կը յիշուին 14 եպիսկոպոսներ, Դաւիթ Մամեստիոյ, Յովհաննէս Սսոյ, Մինաս Երուսաղէմի, Յովսէփ Անտիոքայ, Կոստանդին Անարզաբայ, Վարդան Լամբրոնի, Ստեփանոս Տարսոնի, Թորոս Սելեւկիոյ, Գրիգոր Կապանի, Աստուածատուր Մեծքարի, Յովհաննէս Սանվելիոյ, Կոստանդին Փիլիպոսոյ, Ստեփանոս Բերդուսի, եւ Մխիթար Ընկուզատին (ՍՄԲ. 110). ուրիշ ցուցակ մը կ՚աւելցնէ Գէորգ Անդրիասանց եւ Կոստանդին Յոնանց, իսկ Փիլիպոսոյ եպիսկոպոսին անունն ալ Գրիգոր կը գրէ (ՍԻՍ. 470): Յիշուածներուն ամէնն ալ Կիլիկիոյ եւ անոր յարակից վիճակներու եպիսկոպոսներ են, իսկ Հայաստանէ եւ Իկոնիոյ սահմաններէն բնաւ մէկը յիշուած չէ, եւ ոչ իսկ Անանիա Սեբաստացին, որ վերեւ 12 համակերպողներուն մէջ յիշուած էր 1058): Օտարազգիներէն կը յիշուին Տարսոն նստող Յունաց պատրիարքը եւ Մելիտինէ նստող Ասորւոց կաթողիկոսը (ԿԻՐ. 76). իսկ վարպետներ եւ վանահայրեր եւ քահանաներ շատ կ՚ըսուին (ՍՄԲ. 111), առանց որոշ թիւի: Հայ եպիսկոպոսներուն մասին դիտել պիտի տանք թէ անոնցմէ գլխաւորներուն վիճակին հետ` վանք մըն ալ կը յիշուի, որուն առաջնորդ կամ տէր կը կոչուին վիճակաւորները (ՍՄԲ. 110), եւ այս սկզբնաւորութիւն մըն է թեմակալներուն վանքերու մէջ բնակելուն, եւ առաջնորդ անուն կրելուն, որ մեր օրերը սովորական դարձած է եւ թեմակալութիւն յայտնող եպիսկոպոս կամ արքեպիսկոպոս անունին տեղ կը գործածուի: Աշխարհականներն ալ կը յիշուին` զօրապետաց եւ զօրաց ազգաց եւ ազանց (ԿԻՐ. 76) անուններու ներքեւ, որով իշխաններուն իրենց գունդով եկած ըլլալը կ՚իմանանք: Ասոնցմէ 44 հատը յանուանէ կը յիշէ Սմբատ, իրենց դղեակներուն անուններով (ՍՄԲ. 111), զորս աւելորդ կը սեպենք կրկնել: Միայն կը դիտենք թէ կը յիշուին օտարահնչիւն անուններ ալ, ինչպէս Հերի, Տանկրի, Ճօֆրի, Ճոսլին, որ մտածել կուտան թէ Լատիններ ալ եկած ըլլան, բայց դղեակներուն անունները հայկական են, եւ լատին անուն առնող Հայեր ըլլալնին կը ցուցնեն: Եկողներ ունայնաձեռն ալ չեն եղած, զի եղեն ընծայաբերք նորոգ թագաւորին կացելոյ, նոյն իսկ շրջակայ ազգքն ալ (ԿԻՐ. 76):

1066. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԱՊԻ ՀԵՏ

Թագաւորութեան հանդէսին ալ լրանալէն ետքը, երբ նուիրակ կարդինալը Հռոմ կը դառնար, Լեւոն եւ Ապիրատ անոր ձեռքով մէկ մէկ շնորհակալութեան գիրեր ուղղեցին Իննովկենտիոս Գ. պապին, 1197 Մայիս 23 թուականով (ՍԻՍ. 478), որոնց լատիներէն թարգմանութիւնները միայն կը գտնուին, եւ յառաջ բերուած են Կալանոսէ թէ կաթողիկոսինը (ԿԱԼ. 346) եւ թէ թագաւորինը (ԿԱԼ. 357): Հարկաւ շատ ագահ պիտի չըլլային երկուքն ալ պատուադիր եւ արգադիր, եւ արեւելեան ոճով շողշողուն բացատրութեանց մէջ, եւ կը կարծենք թէ աստիճան մըն ալ ծանրացած են բնագիրին հայերէն բացատրութիւնները` լատիներէնի փոխարկուած ատեննին: Ամէն առիթի մէջ եթէ լաւ դիտուի, երկուքին ալ խօսքերը քաղաքական միութեան եւ հպատակութեան շուրջը կը դառնան, իբրեւ կայսերական կամ հռոմէական ճորտ կամ լիճ նկատուելնուն համար: Կաթողիկոսը յայտնապէս կը գրէ. Երբ մեք եղաք ձեր, պարտ է ձեզ յիշել զմեզ, եւ տալ զայնչափ օգնութիւն, որովհետեւ, կ՚ըսէ, մնամք աստ ի բերանն վիշապի, եւ ի մէջ հակառակաց մերոց եւ թշնամեաց խաչին Քրիստոսի (ԿԱԼ. 348): Թագաւորն ալ կը յարէ. Զայսպիսի վիշտս եւ զաղէտս համբերեցաք ի յերկար ժամանակէ, իսկ այսուհետեւ առանց օգնութեան ձերոյ ոչ կարեմք այլ համբերել (ԿԱԼ. 358): Ահա թէ ինչ կ՚իմանան միաբանութիւն սուրբ եկեղեցւոյդ Հռոմայ ըսելով, ուր մեծի մըն ալ աւելցուած է թարգմանութեան մէջ (ԿԱԼ. 357): Կաթողիկոս եւ թագաւոր աւելի հեռու նպատակներ ալ ցոյց կուտան, եւ Կիլիկիոյ սահմանները չեն գոհացներ անոնց մտադրութիւնը. կաթողիկոսը կայսեր նուիրած եւ նուիրակին դրած թագը յիշելով կը յայտնէ, թէ նովաւ դարձոյց մեզ զթագն վերստին, զոր կորուսեալ էաք ի վաղուց (ԿԱԼ. 347), որով ոչ Կիլիկիոյ թագաւորութիւն մը ստեղծուած, այլ Հայաստանի թագաւորութիւնը վերանորոգուած կ՚ուզէ իմանալ: Լեւոն ինքն ալ ինքզինքը` Թագաւոր Ամենայն Հայոց կը կոչէ (ՍԻՍ. 477), եւ այս կերպով Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ Հայերն ալ, որ Կիլիկիա եղողներէն շատ աւելի էին, իրեն հպատակ կը կարծէ: Լեւոնին հին նպատակն էր այս, երբ Արեւելեաններն ալ իրմէ ուծացնել չէր ուզեր 1041), եւ մինչեւ իսկ Բարսեղի կաթողիկոս ընտրուելուն դէմ յայտարարութիւն ընել չէր ներած 1049): Կաթողիկոսին նամակին մէջէն դիտողութեան արժանի կը դատենք, Հռոմի պապին ողջոյն եւ եղբայրութիւն ուղղելը (ԿԱԼ. 349), եւ զօրէնս եւ զեղբայրութիւնս յանձն առաք ըսելը(ԿԱԼ. 348), որով կ՚ուզէ իր եկեղեցիին` Հռոմէականին հետ նոյն գիծի վրայ ըլլալը շեշտել, թէպէտ միւս կողմէն խոնարհամիտ բացատրութիւններ կը շռայլէ` ակնկալուած օգնութեան յոյսով: Վերջապէս Կալանոս լուսանցին մէջ այնպէս հետեւցնել կ՚ուզէ, թէ Հայեր Հռոմէ բաժնուելնուն համար թագաւորութիւն կորուսած ըլլան, եւ կաթողիկոսին խօսքերը կը թարգմանէ, զոր կորուսեալ էաք ի վաղուց, յորժամ հեռացեալ էաք ի ձենջ, մինչ նոյն իսկ հայերէնէ փոխարկուած լատիներէնը կ՚ըսէ, զոր կորուսաք ի հերուն հետէ, որով հեռացեալ եղեաք ի ձէնջ (ԿԱԼ. 347), եւ ասով թագաւորութեան դադարելէն ետքը, այլազգեաց իշխանութեան ներքեւ իյնալով, քրիստոնէութեան հետ յարաբերութեանց դադարիլը կ՚իմացուի: Կալանոս իր հետեւութիւնը հաստատելու համար պէտք կը զգայ Բագրատունեաց ատենէն Հայոց եւ Հռոմի մէջ միութիւն եղած ըլլալը հաստատել, ինչ որ բոլորովին անգոյ բան մըն է:

1067. ԽԱՉԱԿԻՐՆԵՐ ԵՒ ԱՆՏԻՈՔ

Այդ միջոցին կ՚իյնայ Անտիոքի իշխանութեան եւ Հայոց թագաւորութեան մէջ տեղի ունեցած պայքարը: Անտիոքի իշխանի անդրանիկ եւ Լեւոնի փեսայ Հռայիմոնդոսի մեռնելուն վրայ, Լեւոնին թոռը Ռուբէն-Ռեմունդ նորածինը պէտք էր Անտիոքի ժառանգ ճանչցուէր դաշնագրութեան համեմատ 1032), բայց ծերունի իշխանին միւս որդին, հօրը հետ համանուն Բոյեմոնդոս կոչուած, հօրը մահուան չսպասելով կանխեց իշխանութիւնը գրաւել, հայրը մերժելով: Լեւոնի զօրութեանը դէմ դնել կարողանալու համար, Բերիոյ եւ Իկոնիոյ սուլտանները, եւ Տաճարական եւ Հիւրընկալ ասպետներն ալ անոր դէմ գրգռեց, բայց Լեւոն յաջողեցաւ ամէնուն ալ դիմադրել, եւ ծերունի Բոյեմոնդոսը իշխանութեան դարձնել: Ասկէ առաջ Լեւոն կրցեր էր Կիպրոսի Ամաւրի թագաւորին ընտանիքն ալ, այլազգիներուն գերութենէն ազատելով տեղերնին դարձնել: Լեւոնի անունը հետզհետէ կը հռչակուէր, եւ մինչեւ իսկ Լատին իշխաններ, անոր գերիշխանութեան ներքեւ կը մտնէին(ՍՄԲ. 113): Իննովկենտիոս որ նոր խաչակրութիւն մը կազմակերպելու ետեւէ էր, կաթողիկոսին եւ թագաւորին նամակներուն պատասխանելով, 1199 Նոյեմբեր 23-ին, առատ գովեստներով անոնք գործի կը նախապատրաստէր, եւ ազդեցութիւն գործելու համար անոր իշխանութիւնը փառաւորելու կ՚աշխատէր (ԿԱԼ. 348-351): Այդ միջոցին փոխանակեալ բոլոր գիրերը վերլուծել աւելորդ կը սեպենք, միայն դիտել կուտանք թէ Ապիրատէ եւ Լեւոնէ զատ, նաեւ Սսոյ արքեպիսկոպոս Յովհաննէսն ալ պապի հետ թղթակցութեան սկսած էր (ԿԱԼ. 354), եւ թերեւս ուրիշներ ալ, վասնզի Պապեռոնի իշխան Բակուրանի եւ Լամբրոնի իշխան Հեթումի ալ պապական գիրեր ուղղուած ըլլալը կը յիշուի (ՍԻՍ. 492): Բայց պապին գլխաւոր յոյսը Լեւոնի վրայ էր, որուն յատուկ կերպով կը գրէր Իննովկինտիոս 1199 Նոյեմբեր 24-ին եւ Դեկտեմբեր 17-ին որպէսզի մօտէն Արեւելք հասնելիք Խաչակիրներուն օժանդակէ, պէտքերնին հոգայ, եւ օգնական գունդեր տայ, որոնք մեծապէս օգտակար պիտի ըլլային իրենց տեղական հմտութիւններովը (ԿԱԼ. 359): Լեւոնի անձին եւ Հայոց գունդերուն վրայ հաստատուած մեծ վստահութեան հետեւանքն էր նաեւ` որ յատուկ պատւիրակի ձեռքով, որ էր Հռոբերտոս Մարգատացի ասպետը, Լեւոնին կը ղրկէր Սրբոյն Պետրոսի կոչուած մեծ դրօշը, ընդդէմ այլազգեաց պատերազմին նուիրագործեալ նշանը (ԿԱԼ. 362):

1068. ԼԱՏԻՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ

Լեւոն կրկնակի ոյժով իր պատրաստութեանց կը ձեռնարկէր, եւ ղրկուած դրօշին համար շնորհակալութեան գիր կը յղէր Իննովկենտիոսի (ԿԱԼ. 362) կաթողիկոսին ձայնակցութեամբ, բայց գործի ձեռնարկելու պէտք չեղաւ: Չորրորդ խաչակրութեան պետերն էին, Բաղդովինոս Փլանդրիոյ եւ Թիբալդոս Կամպանիոյ դուքսերը (Baudouin de Flandre, Thibaud de Champagne), եւ անոնց պիտի առաջնորդէին Վենետիկցիք, որոնց դուքսն էր Հէնրիկոս Տանտօլօ (Enrico Dandolo): Փոխադարձ պայմանագրութեամբ նախ Դաղմատիոյ մէջ Զարա քաղաքը նուաճեցին յօգուտ Վենետկեցւոց, անկէ Կոստանդնուպոլիս անցան Իսահակ Անգեղոս կայսեր օգնութեան, զոր գահազուրկ եւ աչազուրկ ըրած էր եղբայրը Ալեքսիս Գ. Անգեղոս 1050), եւ իրեն ալ դէմ ելած էր Իսահակի որդին, Ալեքսիս Դ. Կրտսերն, որ իր եւ իր հօր օգնութեան կը կոչէր Արեւելք եկող Խաչակիրները: Իրաւ ալ անոնցմէ զօրացան հայր եւ որդի, բայց հայրը Իսահակ շուտով մեռաւ, եւ որդւոյն ալ դէմ ելաւ Ալեքսիս Ե. Դուկաս, որ զայն սպաննելով կայսր հռչակուեցաւ: Սակայն Խաչակիրներ անոր դէմ ելան, զայն կուրացուցին եւ գահավէժ սպաննեցին, եւ իրենց մէջէն Բաղդովինոս Փլանդրացին կայսր հռչակեցին 1204-ին եւ կայսրութիւնը Լատիններուն անցուցին: Միեւնոյն կերպով Վոնիփակիոս Մոնփերրատացին (Bonifacio di Monferrato) Թեսաղիոյ թագաւորութիւն մը, եւ ուրիշ Լատին իշխաններ ալ Թեբէի, եւ Կորնթոսի, եւ այլ տեղերու իշխանութիւններ հաստատեցին, իսկ Վենետկեցիք բոլոր նաւահանգիստները գրաւեցին եւ վաճառականական հաստատութիւններ հիմնեցին: Այս կերպով չորրորդ խաչակրութիւնը Վոսփորը չանցաւ, Կիլիկիոյ չմօտեցաւ, Լեւոնի ալ անոնց օգնելու առիթ չեղաւ, թէպէտ Իննովկենտիոս չէր դադարեր Լեւոնը այլազգիներու դէմ գրգռելէ, որ Արեւելք գտնուող եւ վերջին օրեր ուղղակի Ասորիք անցնող Լատիններուն հետ Երուսաղէմի ազատութեան ձեռնարկը ստանձնէ: Արդէն ալ խաչակրութեան մեծ դրօշը` Սրբոյն Պետրոսի նշանակով` Լեւոնի ղրկուած էր: Բայց Լեւոն հանդարտ մնաց եւ ինքն իրեն այսպիսի մեծ գործի մը նախաձեռնարկը չեղաւ, մանաւանդ որ Լատիններէն ալ դժգոհ ըլլալու առիթներ երեւան եկան, Անտիոքի յաջորդութեան խնդիրով:

1069. ԼԱՄԲՐՈՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ

Լեւոն կացութենէն օգտուելով, մտադրութիւնը դարձուց իր թագաւորութիւնը ընդարձակել եւ ամրապնդել, եւ բոլոր շրջակայից մէջ եղող Հայ եւ Լատին իշխանաւորները, իր գերիշխանութեան ներքեւ մտցնել: Հայերուն գլխաւորներն էին Հեթում Լամբրոնի եւ Բակուրան Պապեռոնի իշխանները, որոնց երկրորդը նոյն ինքն Լեւոնի մօրեղբայրն էր, եւ անոր կողմէն դժուարութեան չհանդիպեցաւ Լեւոն: Բայց նոյնը չեղաւ Հեթումի կողմէն, որուն ձգտումները երբեք բարեկամական չեղան Լեւոնի համար, եւ ոչ ալ համամիտ եղաւ անոր ուղղութեան, զի միշտ կապուած մնաց յունասէր քաղաքականութեան, եւ չկասեցաւ անոր դէմ դժուարութիւններ եւ հակառակութիւններ ալ հանել: Ցորչափ Լեւոն պաշտօնապէս թագադրութիւն ունեցած չէր, եւ ցորչափ Հեթումի եղբայրը Լամբրոնացին Ներսէս` Լեւոնի խորհրդակիցն ու գործակիցն էր, Լեւոն չուզեց ուղղակի հակառակութեամբ վարուիլ Հեթումի հետ: Հեթում ալ արտաքին խոհեմութեամբ կը զգուշանար, եւ թագադրութեան ներկաներուն մէկն ալ պարոն Հեթում տէր Լամբրոնին էր (ՍՄԲ. 112): Բայց երբ Լամբրոնացին մեռաւ եւ թագադրութիւնը կատարուեցաւ, Լեւոն ինքզինքը ազատ զգաց: Կանուխէն ունէր ի մտի զչարիսն Լամբրոնացւոց, զոր անցուցեալ էին ընդ Հայս Կիլիկեցւոց եւ ընդ ազգն Ռուբինեանց, բայց կ՚ըսուի թէ բազում անգամ ջանացեալ, ոչ կարէր նուաճել զապստամբն (ԿԻՐ. 157), ինչ որ համոզմամբ խելքի բերելու, քան թէ բռնութեամբ ընկճելու վրայ պէտք է իմանալ: Այս անգամ ալ Լեւոն նախընտրեց նենգութեան դիմել, զոր իմաստութեամբ փետել զթեւս կ՚անուանէ Սմբատ(ՍՄԲ. 113), եւ իմաստութեամբ գործել կը կարծէ Անեցին (ՍԱՄ. 144), բայց մենք չենք կրնար այլապէս արդարացնել, բայց եթէ ըսելով. թէ Լեւոն ալ նոյն ատեններ Արեւմուտքէն Արեւելք փոխադրուած ասպետական նենգութեանց հետեւեցաւ: Լեւոն կեղծեց թէ Ռուբէն եղբօրը Փիլիպէ կամ Ֆիլիպ աղջիկը Հեթումի Օշին որդւոյն հետ պիտի ամուսնացնէ, եւ բոլոր Լամբրոնացւոց ընտանիքը Տարսոն հրաւիրեց. բայց հոն ամէնքն ալ բանտարկեց եւ ստիպեց, եւ էառ զԼամբրոն առանց կռուոյ (ՍՄԲ. 114), եւ ետ ի նմա զմայրն իւր զտիկնանց տիկին, որ է Ռիթա, եւ գրեց նզովս, ոչ եւս այլ տալ զնա իշխանի ումեք (ԿԻՐ. 157): Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոս, որ տարիքէն ընկճուած, եւ ժամանակին հանդարտութենէն օգտուելով Հռոմկլայի մէջ կը մնար յուզուեցաւ իր քեռորդւոյն դէմ կատարուած գործէն եւ Լեւոնի միջնորդեց Հեթումի համար, եւ գործը կարգադրուեցաւ Հեթումի Լամբրոնէ իսպառ հրաժարելովը, որով Լեւոն ալ ետ նմա շատ գեղեր, եւ Հեթում ծառայէր նմա հնազանդութեամբ: Բայց հաշտութիւնը տեւական չեղաւ: Հեթում նոր խլրտումներու սկսաւ, կամ թէ Լեւոն կասկածեցաւ, յայտնի չէ, բայց Հեթում նորէն բանտարկուեցաւ խիստ կերպով: Իսկ նա որպէսզի իր հրաժարման մասին Լեւոնը վստահեցնէ, հագաւ ի հոն միակեցնակ (ՍՄԲ. 114), եւ կրօնաւորեցաւ անունն ալ փոխելով Հեղի կոչուեցաւ: Ապիրատ կաթողիկոս պատրաստուեցաւ այս անգամ անձամբ Սիս գալ, որպէսզի քեռորդւոյն ազատութիւնը ընդունի Լեւոնէ (ՍՄԲ. 144), եւ հազիւ կրցաւ յաջողիլ Հեթում-Հեռի կրօնաւորին եկեղեցական աստիճան տալով, եւ Դրազարկի միաբան գրելով: Երբոր Լեւոն վստահեցաւ Հեթումի վերջապէս իշխանութենէ ու աշխարհէ ձեռք քաշելուն վրայ, այն ատեն անձամբ ալ անոր տեսութեան գնաց, եւ թողութիւն արարին իրերաց: Կաթողիկոսը օրհնեց անոնց հաշտութիւնը, եւ նոր վարդապետ Հեղի Լամբրոնացիին Դրազարկի առաջնորդ նշանակուեցաւ (ՍՄԲ. 114): Ապագային պիտի տեսնենք որ իրարու գործակից եւ օգնական ալ եղան: Այդ ամէնը տեղի ունեցաւ թագադրութեան յաջորդող քանի մը տարիներու մէջ: Հեթումի երկու բանտարկութեանց մէջ յետ տարեց միջոց մը կը դրուի (ՍՄԲ. 114), զոր յետ տարւոյ կարդալով, 1201 եւ 1202 տարիներուն վրայ կը նշանակուին սովորաբար երկու բանտարկութիւնները:

1070. ԱՆՏԻՈՔԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Միեւնոյն ժամանակ Լատինաց հետ ալ խնդիրներ սկսած էին յուզուիլ, որովհետեւ Լեւոնի միտքը Լատիններէն օգտուիլն էր, եւ ոչ թէ Լատիններուն ծառայել, մինչ անոնք կը կարծէին իրենց ստրուկ պաշտօնեայ մը ստացած ըլլալ Արեւելքի մէջ, թագադրութեան վարձքով: Խնդիրին մէկը եկեղեցական էր: Լատիններ Անտիոքի մէջ իրենցմէ պատրիարք հաստատած էին, որ Անտիոքի պատրիարքութեան նախնական 14 նահանգներուն վրայ հոգեւորական իրաւասութիւն գործածել կը ձգտէր, որոնցմէ երկուքն էին Դաշտային եւ Ապառաժ Կիլիկիաները, եւ այս կերպով Անտիոքի Լատին պատրիարքները, Հայոց կաթողիկոսութիւնը իրենց ենթարկեալ կը կարծէին, եւ հրամաններու եւ բանադրանքներու իսկ կը համարձակէին: Լեւոն ինքն Հռոմէական կայսրութեան եւ պապութեան քաղաքական ճորտ գրուելէն ետքը` իր եկեղեցին ալ պապութեան ճորտերուն հպատակեցնել չուզեց, ուստի բացարձակապէս պահանջեց պապէն, որ Անտիոքի Լատին պատրիարքութիւնը Հայ եկեղեցւոյն եւ Հայ թագաւորութեան սահմաններուն չխառնուի (ԿԱԼ. 363), եւ Իննովկենտիոս Գ. 1202 Յունիսի ամսամուտին թուականով (ՍԻՍ. 943), թագաւորին խնդրանքին համաձայնեցաւ եւ հրամայեց, որ մի' ոք յեկեղեցական դատաւորաց, բաց ի հայրպետէն Հռոմայ կամ հրեշտակէն նորա, իշխեսցէ նզովել կամ դատաստան ինչ առնել Կիլիկիոյ թագաւորութեան վրայ (ԿԱԼ. 364): Սակայն Անտիոքի Լատին պատրիարքներուն պահանջը չէ վերջացած պատմութեան մէջ, եւ իբր անոր դիմադրութեան փաստ Դաշանց Թուղթ կոչուած գրուածը յօրինուած եւ առջեւ քշուած է Հայոց կողմէն 76), Ասոր կազմութեան ճիշդ թուականը որոշել դժուար է, բաց այդ միջոցներուն պատրաստուած գրութիւն մը ըլլալը ակներեւ է: Կաթողիկոսին անունը չտրուիր այդ խնդիրին մէջ, որովհետեւ Լեւոն ամէն գործերը հաւասարապէս իր նախաձեռնութեամբ լուծելու կ՚աշխատէր: Երկրորդ խնդիր մըն ալ Անտիոքի իշխանութեան ժառանգութիւնն էր: Բոյեմոնդոս Գ. ծերունին 1201-ին մեռաւ, եւ ժառանգութիւնը պէտք էր անցնէր, անոր եւ Լեւոնի թոռին, Ռուբէն-Ռեմունդի 1032), սակայն Բոյեմոնդոս Դ. Միականի մականուանեալ, Տրիպոլիսի կոմսը եւ ծերունիին կրտսեր որդին, կանխեց իր հօրը իշխանութիւնը գրաւել, չուզելով յարգել իր երէց եղբօր Հռայիմոնդոսի տղուն Ռուբէնի իրաւունքը եւ հաստատուած պայմանադրութիւնը: Լեւոն ուզեց իր թոռին իրաւունքը պաշտպանել, որուն մանկութիւնը առիթ ալ պիտի տար իրեն իբր խնամակալ կամ հոգածու Անտիոքի իշխանութիւնը վարել իրապէս: Լատիններ ալ իրենց մէջ պառակտուած էին, եւ երկու կողմերն ալ իրենց համակիրներն ունէին: Լեւոն իրեն իրաւունքին վրայ վստահ, հաճեցաւ պապին դատաստանին ենթարկել խնդիրը, որուն կողմէն դատող նուիրակներ նշանակուեցան Սոփրեստոս եւ Պետրոս, կարդինալ երէցներ Ս. Պրաքսիդէ եւ Ս. Մարկեղոս եկեղեցիներու (Santa Prassade, San Marcello): Անտեղի բարուրանքներով գործին որոշումը բաւական երկարեցաւ, Լեւոն ձանձրացաւ, եւ սկսաւ իր ցասումը յայտնել իրեն հակառակ եղող լատիններուն, եւ գլխաւորապէս ասպետական միաբանութիւններուն դէմ, եւ վերջէն վերջ 1203 Նոյեմբեր 11-ին բռնի Անտիոքը գրաւեց եւ Ռուբէնը նստեցուց, իր մօր Ալիծի խնամակալութեամբ: Բայց Բոյեմոնդոս միջնաբերդին մէջ մնաց, եւ երեք օրէն յաջողեցաւ Լեւոնն ու Ռուբէնը նորէն հեռացնել: Լեւոն պարտաւորուեցաւ մեկնիլ, բայց իր ցասումը թափեց իր սահմաններուն եւ շրջականերուն մէջ եղող Լատիններուն վրայ, նոյնիսկ առանց անսալու պապին կողմէ եկող դիտողութիւններուն եւ յորդորներուն:

1071. ԱՊԻՐԱՏԻ ՄԱՀԸ

Գործերը այդ ծայրայեղութեանց հասած չէին տակաւին, երբ Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոս իր կեանքը կը կնքէր Սիսի մէջ, ուր եկած էր Հեթումի ազատութեան համար միջնորդելու 1069): Այլ եւս Հռոմկլայ չէր դարձած, եւ Սիս կը մնար Լեւոնի ստիպման, բայց աւելի հաւանօրէն, իր անձնական տկարութեան պատճառով: Մահուան տարին 1203-ին նշանակուած է Սմբատէ (ՍՄԲ. 114), եւ այս է ընդունուած թուականը: Անեցին 642-ին ընտրութիւնը դնելով, եւ 8 տարի պաշտօնավարութիւն տալով (ՍՄԲ. 114), 653-ին կը դնէ մահը (ՍԱՄ. 115), որ իրարու չի կապուիր, եւ չգիտնալով երեք թուանշաններէն որը ուղղել, պէտք է ընդունիլ Սմբատի ժամանակագրութիւնը, որ ընդհանրապէս աւելի կանոնաւոր է: Շատեր 7 եւ ոմանք 8 տարի կու տան Ապիրատի կաթողիկոսութեան, բայց լաւագոյն հաշուով 9 կամ գրեթէ 9 տարի պաշտօնավարած կ՚ըլլայ, եւ 72 տարեկան ընտրուած ըլլալով, 81 տարեկան վախճանած: Մահուան օրը պատմիչներու եւ Յայսմաւուրքի մէջ նշանակուած չգտանք, զոր ոմանք Մարտի 4-ին կը դնեն (ՍԻՍ. 505): Մարմինը թաղուեցաւ Արքակաղնի վանքին մէջ (ՍՄԲ. 114), որուն Սուրբ Խճկտոբ անուն ալ կը տրուի (ՍՄԲ. 144), եւ հարկաւ հոն կը մնար Սիս գալէն ետքը, իբրեւ հայրապետանոց ըլլալու վայել վանք մը: Գրիգոր Ապիրատի կաթողիկոսութիւնը շատ նշանաւոր կրնայ նկատուիլ, իր օրով կատարուած մեծ գործողութեան պատճառով, վասնզի իրեն վիճակեցաւ նորեն Հայոց թագաւոր մը պսակել, թէպէտ հայրենական բնաշխարհէն դուրս, բայց բնաշխարհ ըլլալու չափ հայացած Կիլիկիոյ մէջ: Իր օրով աճեցան եւ զօրացան Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները, եւ հիմեր դրուեցան լատինասէր ընթացքի մը, որ փոքր ի շատէ ազդեց նոյն իսկ Հայ եկեղեցւոյ կացութեան վրայ: Այդ պարագաներ կրնային Ապիրատի վրայ մեծ գործունէութեան փաստեր ըլլալ, կամ թէ նոյն իսկ իր վրայ մեղադրանքներ հրաւիրել, եթէ անոր վրայ ենթադրուէր մեծ կարողութիւն եւ գործունեայ ձեռնհասութիւն: Մեր տեսութեամբ, ինչպէս թագաւորութեան գործին մէջ մեծ արդիւնք մը չունի Ապիրատը, նոյնպէս լատինասիրութեան հետեւանքներուն ալ պատասխանատուութիւնը չկրեր, եւ կրնանք ըսել թէ Ապիրատը` ապիրատ ինչ ոչ գործեաց: Որովհետեւ, ոչ այնչափ տարիքին պատճառով, վասնզի եօթանասնամեաներուն մէջ ալ ժիր գործիչներ ցանցառ չեն, որչափ իր մեղմ եւ վարանոտ բնաւորութեամբ գործիք եղաւ իր ժամանակին երկու մեծ գործիչներուն, Լեւոն թագաւորին եւ Ներսէս Լամբրոնացիին: Լեւոն ոչ միայն քաղաքական` այլ եւ եկեղեցական գործերու ուղղութիւն տուողն էր, Լամբրոնացին ալ անոր համարձակ եւ անվախ խորհրդականն էր գործելէն առաջ, եւ փաստաբանն էր գործելէն ետքը: Ապիրատ զինքն անոնց ձեռքը յանձնեց, անոնց տուն տուածը խօսեցաւ, անոնց գրածը ստորագրեց, անոնց հրահանգածը գործադրեց, եւ բախտաւոր եղաւ որ կարող ձեռքերու մէջ ինկաւ, որով մեծ գործերու հետ անունը կապեց, եւ մեծ պակասներէ անունը զերծ պահեց: Ինչ որ Լամբրոնացիին ուղղութեան համար եւ հայադաւան եկեղեցւոյ շրջանակէն դուրս ելած չըլլալուն համար գրեցինք 1061), բաւական են Ապիրատին ալ պաշտպանութեան եւ հռոմէադաւանութեան մէջ ինկած չըլլալուն պաշտպանութեան: Իրաւ շատ շողշողուն բացատրութիւններ կան այն նամակներուն մէջ, որոնք իբրեւ Ապիրատէ գրուած` Իննովկենտիանոսի նամականիին մէջ անցած են, սակայն անոնք հաւատոյ դաւանութիւններ չէին, այլ արքունական դիւանին մէջ պատրաստուած քաղաքավարի եւ շողոքորթ նամակներ էին, դրամական եւ զինւորական նպաստներ եւ արքունական պատիւներ շորթելու համար, միշտ հիմնուելով Լեւոնի մեծ սկզբունքին վրայ, թէ հաճեցից զմիտս նոցա առ անգամ մի կեղծաւորութեամբ (ԿԻՐ. 76): Եւ այս այնչափ յայտնի է, որ նոյն Ապիրատ մտադիւր կը համակերպէր Լեւոնի կողմէն Լատին ասպետներու եւ Լատին կրօնաւորներու դէմ տրուած կարգադրութեանց ալ` միտ չդնելով պապին դիտողութեանց: