Ս.
ՄՈՒՇԷ
ՀԱՅՐԱՊԵՏ
28.
ԳՈՐԾԵՐՆ
ՈՒ
ՎԱԽՃԱՆԸ
Հայրապետիս
անունը
կը
գտնենք
հաւասարապէս
Արտազեան
եւ
Սիսական
աւանդութեանց
մէջ,
ինչպէս
վերեւ
յիշեցինք
(§
25):
Արտազեան
յիշատակարանը
զայն
Մուշեղ
ալ
կը
կոչէ`
անուններու
նմանաձայնութեամբ
(68
ԱՐՐ.
102),
բայց
կը
նախադասենք
Մուշէ
յորջորջել,
որ
է
նոյն
ինքն
Մովսէս
անունին
ասորահնչիւն
կերպը,
քան
թէ
Մուշեղ,
որ
զուտ
հայկական
անուն
է:
Յիշատակարանն
ալ
զայն
բնիկ
հայ
չի
ճանչնար,
այլ
կը
յիշէ
թէ
էր
յերկրէն
Պարսից
(68
ԱՐՐ.
102),
որ
եւս
քան
զեւս
կը
հաստատէ
զայն
Սիւնեաց
Մուշէին
հետ
նոյնացնելու
կարծիքը,
քանի
որ
Մուշէէն
առաջ
Սիւնեաց
եպիսկոպոս
եղող
Բաբելասն
ալ
Խուժիկ
էր,
որ
է
ըսել
Պարսից
Խուժաստան
նահանգէն:
Ինչպէս
ալ
մեկնենք,
Սիւնեաց
մէջ
Պարսկաստանցիներու
խումբ
մը
կը
գտնուի,
եւ
անոր
կը
պատկանի
Արտազու
Մուշէ
հայրապետն
ալ:
Մուշէի
Արտազու
մէջ
մնալը
հալածանաց
վերագրելի
է,
եւ
յայտնապէս
կը
տեսնուի,
որ
Ատրներսէհի
նահատակութեան
վրայ
դժուարին
եղած
է
աթոռին
նոր
հովիւ
մը
կարգել,
եւ
Մուշէ,
որ
Սիւնեաց
աթոռին
համար
ձեռնադրուած
էր,
եւ
տակաւին
Արտազ
կը
մնար,
ստիպուեցաւ
տեղւոյն
հովուական
հոգը
ստանձնել,
եւ
ոչ
կարաց
անդրէն
դառնալ
Սիւնեաց
աթոռը
(ՕՐԲ.
Ա.
62):
Հալածանաց
շարունակութեան
կ՚ակնարկէ
Արտազեան
յիշատակարանն
ալ
երբոր
կը
վկայէ,
թէ
Մուշէ
պարտաւորուեցաւ
գաղտնի
կերպով,
պահուըտելով
եւ
մէջտեղ
չերեւնալով
վարել
իր
երեսնամեայ
երկարատեւ
պաշտօնավարութիւնը.
Յետ
կառավարելոյ
զժողովս
սրբոց
ի
թաքստեան
իբր
երեսուն
ամ,
վճարեաց
զկեանս
իւր
(68
ԱՐՐ.
102):
Այդ
վկայութենէն
կը
քաղենք
եւս
թէ
Մուշէի
վախճանը
եղած
է
բնական
մահուամբ`
ծերացեալ
տարիքի
մէջ,
եւ
ոչ
նահատակութեամբ:
Իսկ
իր
30
տարիներու
պաշտօնավարութիւնը
հաշուելով
կը
հասնինք
մինչեւ
123
թուականը:
Այդ
միջոցին
քաղաքական
պատմութիւնը
թէ
Հայկական
եւ
թէ
Հռոմէական
աղբիւրներու
համեմատ
նշանաւոր
եղելութիւններ
եւ
փոփոխութիւններ
չի
ներկայեր:
29.
ՍԻՒՆԵԱՑ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ
Սիւնեաց
աթոռը
դատարկ
մնաց
Մուշէի
չդառնալովը,
որով
նահանգին
հաւատացեալները
անոք
եւ
անօգնական
վիճակի
մէջ
մնացին:
Կային
մնային
անտէրունջք,
բնակեալ
այսր
եւ
անդր,
եւ
ոմանք
ղօղեալք
ի
լերինն
Գարուայ
միայնաւորութեամբ
զկեանս
իւրեանց
վարէին`
զբազումս
ուսուցանելով
յոլով
ժամանակօք
(
ՕՐԲ.
Ա.
62):
Յայտնի
կը
տեսնուի
բոլոր
յառաջ
բերուած
յիշատակներէն,
թէ
պետական
արգելք
մը
դրուած
էր
քրիստոնէութեան
դէմ,
որ
Սիւնեցիք
ալ
Մուշէի
պէս
թաքչելու
կը
պարտաւորուէին
Գարուայ
լեռները,
ինչպէս
Սուկաւէտի
լեռը
ապաւինողներուն
համար
ալ
ակնարկեցինք
(§
27):
Այլ
բոլորովին
անգլուխ
ալ
չմնացին
Սիւնեցիք,
վասնզի
ապա
գնացեալ
սոցա
խնդրեցին
իւրեանց
առաջնորդ,
եւ
ետ
այր
մի
Տարոնացի
Մովսէս
անուն
(
ՕՐԲ.
Ա.
62):
Մեր
կարծիքով
այդ
եղելութիւնը
կատարուած
է
Մուշէի
չդառնալով
անտէրունջ
մնացող
Սիւնեցիներուն
եւ
Արտազու
աթոռին
միջեւ:
Սակայն
ուրիշներ
առիթ
առնելով
Օրբէլեանի
միջանկեալ
խօսքերէն,
որ
քրիստոնէից
նեղութիւնները
տեւած
`
կ՚ըսէ
մինչեւ
ի
գալ
մեծի
Լուսաւորչին
ի
Հայս,
եւ
լուսաւորելոյ
զամենայն
աշխարհս
Հայոց,
այնպիսի
մեկնութիւն
մը
կուտան
որ
ապա
գնացեալ
խօսքը
Լուսաւորչին
վրայ
իմացուի:
Սակայն
Օրբէլեան
նախապէս
պատմած
էր,
թէ
Լուսաւորիչը
իբր
առաջին
եպիսկոպոս
Սիւնեաց
նշանակած
էր
զոմն
յԱսորւոց
զոր
բերեալ
էր
եւ
որ
կը
կարծուի
Տիւրիկէս
Ասորին,
եւ
անկէ
ետքն
ալ
զոմն
յիւրոց
մերձաւոր
աշակերտաց,
որոյ
անունն
Գրիգորիս
(
ՕՐԲ.
Ա.
58.
59):
Սիւնեաց
եպիսկոպոսներուն
կարգին
ալ
իբր
առաջին
եպիսկոպոս
ձեռնադրեալ
ի
սրբոյն
Գրիգորէ,
կը
դնէ
սոյն
այս
Գրիգորիսը,
եւ
անոր
յաջորդներ
կը
նշանակէ
Մաշտոց,
Անանիա,
Նուն,
Գաղատ,
եւ
այլն
(
ՕՐԲ.
Բ.
246):
Մինչ
վերոյիշեալ
ապա
գնացեալ
խօսքէն
ետքը
յիշուածներն
են
Մովսէս,
Սահակ,
Զրուանդատ
եւ
այլն
(
ՕՐԲ.
Ա.
62):
Ի
զուր
Օրբէլեանի
հրատարակիչը,
մոռացկոտ
եւ
ուշաթափ
եւ
ինքնիրեն
հակասող
կը
կարծէ
հեղինակը
(
ՕՐԲ.
Ա.
318),
փոխանակ
մտաբերելու
թէ
Լուսաւորչի
անունը
միջանկեալ
ակնարկ
մըն
է
եւ
պատմական
շարունակութիւն
չի
կազմեր,
եւ
թէ
այնտեղ
յիշուած
Մովսէս,
Սահակ,
Զրուանդատ
եւ
այլն
անունները
Մուշէէ
ետքը
եւ
Լուսաւորիչէ
առաջ
եղող
եպիսկոպոսներ
են,
զոր
Օրբէլեան,
ինքն
ալ
Սիւնեաց
եպիսկոպոս,
աթոռին
հնաւանդ
յիշատակներէն
քաղած
է:
Արդէն
այն
գլուխն
ալ
որ
այդ
յիշատակները
կը
պարունակէ,
մակագրուած
է
Զրոյցք
հին
ժամանակաց
(
ՕՐԲ.
Ա.
60),
մինչ
Լուսաւորչի
գործերն
առանձինն
ամփոփուած
են
ուրիշ
գլխու
մէջ,
որ
մակագրուած
է,
Սակս
լուսաւորութեան
աշխարհիս
Սիւնեաց
ի
ձեռն
սրբոյն
Գրիգորի
(
ՕՐԲ.
Ա.
55):
Պատմութեան
կարգը
կը
ցուցնէ
թէ
Մուշէի
չդառնալով,
պահ
մը
բոլորովին
դատարկ
մնացած
է
Սիւնեաց
աթոռը,
եւ
անագան
գործի
գլուխ
անցած
է
Մովսէս
Տարոնեցի
եպիսկոպոսը:
Իսկ
այն
`
որ
ետ
այր
մի,
նոյն
իսկ
Արտազու
աթոռն
է,
եւ
ամենայն
հաւանականութեամբ
նոյն
ինքն
Մուշէ
հայրապետն
է,
որ
երեսնամեայ
երկարատեւ
պաշտօնավարութիւն
ունեցաւ:
Ս.
ՇԱՀԷՆ
ՀԱՅՐԱՊԵՏ
30.
ԳՈՐԾԵՐՆ
ՈՒ
ՎԱԽՃԱՆԸ
Արտազեան
յիշատակարանի
համառօտ
ակնարկէն
զատ
տեղեկութիւն
չունինք
հայրապետիս
վրայ,
Շահէն
եպիսկոպոս
ամս
քսան
եւ
հինգ
(68
ԱՐՐ.
102),
եւ
ուրիշ
ոչ
մի
կողմէն
որեւէ
աւանդութիւն
չունինք,
որ
լոյս
սփռէ
ժամանակիս
կացութեան
եւ
եղելութեանց
վրայ:
Իսկ
Շահէն
հայրապետի
պաշտօնավարութեան
տրուած
25
տարիներուն
հաշիւը,
կը
հասցնէ
մեզ
մերձաւորաբար
150
տարին,
որ
է
երկրորդ
դարուն
կէսը:
Այստեղ
յարմար
կը
սեպենք
յիշել
Արարատեան
վկաներու
մասին
Լատին
եկեղեցւոյ
աւանդութիւնը,
զոր
Լատին
յայսմաւուրքը
կը
յիշատակէ
Յունիս
22
օրուան
ներքեւ:
Հռոմայեցի
զինուորներու
9,
000
հոգւոյ
բանակ
մը
իր
քրիստոնէութիւնը
պաշտպանելու
համար
Հայաստան
կ՚անցնի
եւ
կը
հաստատուի
Արարատ
լերան
կողմերը,
իրեն
գլուխ
ունենալով
Ակատիոս
զօրավարը:
Այնտեղ
ուրիշներ
ալ
կը
միանան
այդ
խումբին,
որ
տասն
հազարէ
աւելի
կ՚ըլլայ,
եւ
քրիստոնէական
բարեպաշտութեամբ
կեանք
կը
վարէ:
Բայց
այնտեղ
ալ
կը
հասնի
հալածանքի
սարսափը
եւ
բռնադատութիւններ
կը
կատարուին
որպէսզի
հեթանոսութեան
դառնան,
սակայն
անոնք
հաստատուն
կը
մնան
իրենց
հաւատքին
վրայ,
եւ
խմբովին
կը
նահատակուին
խաչերու
եւ
կախաղաններու
վրայ,
Արարատ
լեռան
շուրջը,
որ
է
ըսել
Արարատեան
դաշտին
մէջ
(ՎՐՔ.
ԺԲ.
67):
Այդ
աւանդութեան
պատմական
հանգամանքները
դիտելով,
եւ
ժամանակակից
դէպքերուն
հետ
համեմատութեան
դնելով,
կը
գտնենք
որ
Տրայիանոսի
կայսրութեան
ատեն,
Գաղատիոյ
հռոմէական
լէգէոնը,
կայսեր
հրամանին
անսաստած
էր
եւ
յաղթութիւն
մը
տանելէ
ետք
աստուածներու
զոհ
չէր
մատուցած,
եւ
այս
պատճառով
իրեն
բնավայրէն
հեռացուելով
Մելիտինէ
երթալու
հրաման
էր
ստացած:
Այդ
պարագային
վրայ
կ՚աւելցուի,
թէ
որչափ
ալ
լէգէոնը
Գաղատիայէ
ելաւ,
բայց
ինչ
վախճան
ունենալը
յայտնի
չէ
(ՎՐՔ.
Է.
450):
Աւանդութիւնները
իրարու
մօտեցնելով
հաւանական
է
կարծել,
թէ
սոյն
այս
լէգէոնականներն
են,
որ
Հայաստան
ապաւինած
են,
եւ
որոնց
թիւն
ալ
իբր
տասը
կամ
տասնըմէկ
հազար
եղած
կ՚ըսուի:
Ասկէ
ետքն
է
որ
Տրայիանոս
Հայաստան
մտաւ
եւ
երկիրը
գրաւեց,
եւ
չորս
տարւոյ
չափ
ալ
զայն
իբր
գաւառ
կառավարեց
հռոմայեցի
կուսակալի
ձեռամբ,
մինչեւ
Ադրիանոսի
գահակալութիւնը:
Տրայիանոսի
ժամանակ
քրիստոնէից
դէմ
հալածանքները
զայրացած
էին,
եւ
շատ
բնական
էր
որ
Տրայիանոս
իր
ցասումը
թափէր
խուսափող
լէգէոնականներուն
եւ
անոնց
ընկերներուն
վրայ:
Հայաստանի
մէջ
հռոմէական
տիրապետութիւնը
տեւեց
114-118
տարիներու
միջոցին,
որ
շատ
յարմար
կու
գայ
Արարատեան
վկայից
մարտիրոսութեան
սովորական
թուականին
հետ: