Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՓԱՌԷՆ Ա. ԱՇՏԻՇԱՏԵՑԻ

110. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբոր Դանիէլի սպաննութեամբ եւ Յուսիկի որդիներուն վերջնական դիմադրութեամբ, կաթողիկոսութեան հաւանական ընտրելիները պակսեցան եւ ուրիշի դիմել հարկ եղաւ, կամ եղեւ ամենեցուն առհասարակ, որ Լուսաւորչի ազգատոհմէն հեռանալու չէ, եւ պէտք է, որ ի նմին տանէ իշխանութեան Գրիգորի գտցեն, որ կալցի նա զաթոռ հարցն, եւ այս սկզբունքով կաթողիկոսութեան արժանի համարուեցաւ Փառէն Աշտիշատեցին, որ տեղւոյն առաջնորդն էր, զի տեղին այն նմա էր հաւատացեալ (ԲԶՆ. 44): Փառէնի անունը Խորենացիին եւ ցուցակներուն մէջ Փառներսէհ է գրուած, Փառէն-Ներսէհ անուններու սղուած ձեւովը, սակայն մենք նախադասեցինք Փառէն պարզ ձեւը գործածել, իբրեւ կիրառութեան յարմարագոյն: Գալով անոր անձին, տրուած որոշումէն յայտնի է որ Գրիգորի եւ Փառէնի մէջ հարկաւ կապ մը եղած պիտի ըլլայ, մինչ ոմանք աննշանակ կերպով մը կը յիշեն զՓառներսէհ ոմն յԱշտիշատից Տարոնոյ (ԽՈՐ. 202), եւ ուրիշներ զՓառէն ոմն երէց ի գաւառէն Տարոնոյ(ԲԶՆ. 44): Մարթ է կարծել թէ Փառէն ալ Դանիէլի նման, Գրիգորի մտերիմ եւ հնօրեայ աշակերտ եւ հոգեւոր զաւակ մը լինելուն, կամ թէ Աշտիշատ Գրիգորի կալուածներէն, Փառէն ալ Աշտիշատեցի ըլլալուն Գրիգորի ընտանի կամ ընդոծին ճորտ մը կը նկատուէր, եւ կամ թէ կողմնակի ազգակցութեամբ մը կապուած էր` Գրիգորի կամ Վրթանէսի ամուսիններուն կողմանէ, վասնզի Գրիգոր իր ցեղէն ազգակից չունէր, եւ Յուսիկի խնամիներն ալ թագաւորական գերդաստանէն էին: Խնդիրը լուծելու համար բնաւ ուստեք լոյս չունինք. բայց աւելի հաւանական կը կարծուի վերջին ենթադրութիւնը: Տեղեկութեանց պակասութեան պատճառով չենք կրնար աւելի բան մը ըսել Փառէնի նախընթաց կեանքին վրայ, իսկ այն տեղին, որուն նկատմամբ Բուզանդ կը գրէ թէ նմա էր հաւատացեալ, է նոյնինքն մեծ մարգարէանոցն Յովհաննու, որ անունով թէպէտ Իննակնեան Ս. Կարապետ վանքն ալ կը յիշուի, բայց ուրիշ կողմէն գիտենք թէ Ս. Կարապետի առաջնորդներն էին Զենոբ եւ Եպիփան, եւ ոչ երբեք Փառէն: Ուստի պէտք է Փառէնը ընդունիլ իբր Աշտիշատի մայր եկեղեցիին վերակացուն, զի Տարոնի ամէն հաստատութիւնք անխտիր Յովհաննու Կարապետի անունը կը կրէին:

111. ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Փառէնի կաթողիկոսանալը պարզապէս տեղական գործադրութեամբ լրացեալ գործ մը կը տեսնուի` Խորենացիի գործածած ընտրեցին եւ կացուցին քահանայապետ բացատրութենէն (ԽՈՐ. 202): Բուզանդ նորէն կը յիշէ թէ պատարագօք եւ հրովարտակօք եւ ճոխ իշխանօք, եւ չորս մեծ նախարարներով առին գնացին Կեսարիա, եւ անդ ձեռնադրեցին զնա ի կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծաց (ԲԶՆ. 45): Այստեղ ալ հարկ կը սեպենք կրկնել, որ բոլոր ազգային պատմիչներուն ընդհանուր եւ անբացառիկ լռութիւնը այդ պարագային վրայօք, զօրաւոր փաստ մըն է, եւ լոկ Բուզանդի վկայութիւնը չի բաւեր ըսածը հաստատելու: Մանաւանդ որ ակներեւ է Բուզանդի Հայոց դէմ հակառակախօս լեզուն, եւ անոնց եկեղեցին անարգելու եւ ստորնացնելու ջանքը: Բաւական լինի դիտել, որ մոռնալով թէ` Յուսիկէն ետքը պաշտօնապէս կաթողիկոսներ ցուցուցած է, տակաւին կը յայտարարէ թէ Հայերը զկնի թոպամահն լինելոյ երանելւոյն Յուսկան, անառաջնորդ եղեալ իբրեւ զկոյրս մոլորեցան, եւ անհովիւք էին (ԲԶՆ. 33): Նոյնպէս ընդարձակ կերպով ամէն տեսակ անառակութիւններ եւ անօրէնութիւններ, մինչեւ իսկ զդիցն հնութեան պաշտամուս ընդ խաւար կատարէին ըսելէն ետքը, կը յաւելու թէ այնպիսի կաթողիկոս մը կը փնտռէին, որ ըստ նոցա կամացն վարիցէ (ԲԶՆ. 35), բայց կը մոռնայ թէ իբրեւ սուրբ անձեր ներկայած է Դանիէլն ու Փառէնը, որոնք եղան Հայերուն կաթողիկոսութեան հրաւիրուած անձերը: Այս դիտողութիւնները կ՚ընենք Բուզանդի պատմածներուն ներքին արժէքը ցուցնելու, ապա թէ ոչ արդէն բացատրեցինք թէ պատրիարքական աթոռներուն որոշ տեղէ մը ձեռնադրութիւն առնելը` երբեք հպատակութեան փաստ չի կրնար ըլլալ, ինչպէս Հռոմի պատրիարքները Ոստիոյ եպիսկոպոսէն, եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքները Հերակլիոյ արքեպիսկոպոսէն ձեռնադրութիւն ստանալու օրէնք ունենալով հանդերձ, երբեք նոյն աթոռներուն ներքեւ ինկած չեն համարուիր:

112. ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՀ

Փառէնի անձին եւ գործունէութեան մասին բան մը չի գրեր Խորենացին. իսկ Բուզանդ ընդունելով հանդերձ թէ զիւր անձն սուրբ պահէր, կը յայտնէ թէ ստիպեալ եւ ի հարկէ ընգերէր անօրէն թագաւորին, այսինքն է Տիրանին, եւ ըստ նորին կամացն երթեալ, չհամարձակէր կամ խրատել ինչ կամ յանդիմանել (ԲԶՆ. 45): Փառէն չունէր այն հեղինակաւոր ազդեցութիւնը զոր ունէին Գրիգորի որդիներն ու թոռները. տարիքով ալ խոր ծերութեան հասած էր, քանի որ Գրիգորի ժամանակէն գործի վրայ մարդ մըն էր, եւ ոչ ալ յոյս մը կրնար ունենալ յանդիմանելով կամ սաստելով ուղղութեան բերել ծուռ ճամբուն մէջ յառաջացած թագաւոր մը, որ Յուսիկն ու Դանիէլը սպաննել տալու համարձակած էր` զինքն յանդիմանած լինելնուն համար: Ասոնցմէ զատ նկատողութեան արժանի է, որ այդ միջոցին տեղի ունեցան Պարսից նենգութիւնը, Տիրանի գերութիւնը եւ Պարսից հետ պատերազմները, որք չէին ներեր ուրիշ բաներով զբաղիլ: Հետեւաբար զարմանալի չէ, եթէ Փառէն կը պարտաւորուէր լռել, եւ կրաւորական դիրք մը պահել, այլ ոչ երբեք ընգերել կամ ընկերանալ Տիրանի անօրէն գործերուն, ապա թէ ոչ չէր կրնար արդարանալ նոյնիսկ Բուզանդի կողմէ Փառէնի համար տրուած բարի վկայութիւնը. թէ զիւր անձն սուրբ պահէր: Փառէնի հայրապետութեան ժամանակը 4 տարի ըսուած է Խորենացիէ (ԽՈՐ. 202), իսկ Բուզանդէ սակաւ ժամանակս (ԲԶՆ. 45), հետագայ ցուցակներէն ոմանք 3 կը դնեն եւ ոմանք 5, եւ այս տարբերութիւնները կրնան վերագրուիլ Փառէնէ առաջ եւ ետքը տեղի ունեցած աթոռոյ պարապութեան տարիները մէկ տեղ համրելէն կամ դուրս ձգելէն: Յուսիկի մահը 347-ին եւ յաջորդին ընտրութիւնը 348-ին դնելով, Փառէնի 4 տարիները կը հասնին 352-ին: Մահուան տեղը չէ յիշուած, եւ ենթադրութիւններ նշանակութենէ զուրկ կը մնան. միայն ըսուած է թէ իրեն հետ եղող եկեղեցական պաշտօնեաներ մարմինը Տարոն տարին, եւ թաղեցին յագարակն մեծի մարգարէանոցին Յովհաննու, այսինքն Աշտիշատի եկեղեցւոյն յարակից եղող պարտէզը, եւ վրան գեղեցիկ շիրիմ մըն ալ շինեցին: Արդէն ինքն ալ հոն կը նստէր կաթողիկոսութենէ առաջ: Իսկ Փառէն կամ Փառներսէհ կաթողիկոսի շիրիմը այսօր Աշտիշատի աւերակներուն մէջ չի տեսնուիր: Իր յիշատակը ոչ տօնելի է եւ ոչ Յայսմաւուրքի անցած է, եւ հարկաւ իր աննշանակ հայրապետութիւնը պատճառ եղած է այդ զանցառութեան: Անցողակի դիտել տանք, թէ մարմինըյագարակն թաղելու յիշատակութիւնը, համաձայն է հին կանոններով դրուած արգելքին, թէ թէ մի ոք իշխեսցէ թաղել զդիս մերձ ի սուրբ եկեղեցիս, այլ արտաքոյ քառասուն քայլ (ԿԱՆ. 61): Այդ կանոնը այսօր ալ կը պահուի ընդհանրապէս, եւ շատ ցանցառ են այդ մասին բացառութիւնները:

113. ՅՈՒՍԻԿԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Յուսիկի երկու զաւակները, Պապ եւ Աթանագինէ, եկեղեցական կոչման հրաւէրը, կամ իրենց ըմբռնմամբ` փորձանքը, վերջնապէս հեռացնելէն ետքը, աւելի եւս ազատօրէն ի բազում անառակութեան գնային, եւ զկարգն Աստուծոյ արհամարհեալ այպանէին (ԲԶՆ. 48), եւ նախնիքներէն իրենց ժառանգութիւն մնացած կալուածներն ու սրբավայրերը անլուր խենէշութիւններով կը պղծէին: Սակայն չկրցան երկարել իրենց կարծեցեալ վայելքը, վասնզի յոյժ ահագին եւ սարսափման լսողաց արժանի մահ մը կը հասնէր նոցա յանկարծ յաւուրսն յայնոսիկ, եւ երկուքն ալ մէկտեղի միում տեղւոջ շանթահար եղեալ կը մեռնէին (ԽՈՐ. 201), ինչ որ աստուածային պատուհաս մը նկատուեցաւ: Անգամ մը եկած էին Աշտիշատ` իրենց կալուածը, եպիսկոպոսանոցը կը մտնէին իբրեւ իրենց սեփականութիւնը, եւ այնտեղ ուրախակից եւ բազմականակից ընկերներով լկտի խնջոյքներ պատրաստելով, ըմպէին գինի բոզօք եւ վարձակօք եւ գուսանօք եւ կատակօք, եւ եղած ազդարարութեանց չանսալով զսուրբ եւ զնուիրեալ տեղօքն քամահեալ կոխան առնէին: Բայց ահա յանկարծ օդը կը մթագնի, երկինքը կը գոռայ, տեղատարափ կը թափի, եւ կայծակ մը ահագին փայլատակմամբ կ՚իջնէ եպիսկոպոսանոցին վրայ, եւ հարեալ սատակէր զերկոսեան զեղբարսն միանգամայն ի բազմականին անդ: Սեղանակիցներ գոռում գոչումի ատեն ահուդողի մէջ այս կողմ այն կողմ ցրուած էին, մինչ երկու եղբայրներ կամ արբեցութենէ չկրնալով կամ յանդգնութեամբ փախչիլ չուզելով, աստուածային բարկութեան պատուհասին հանդիպեցան, վասնզի ամենուն ըմբռնման համեմատ, հրեշտակ տեառն էր, որ երեւեցաւ ի նմանութիւն փայլատական (ԲԶՆ. 45): Այսչափ մեծ եղաւ ամենուն սարսափը որ ոչ ոք յանդգնեցաւ մօտենալ ու դիակները վերցնել, եւ հազիւ օրեր անցնելէն ետքը անոնցցամաքեալ եւ կճղացեալ, այսինքն կայծակէն այրած ու խանձողած դիակները վերցուեցան, եւ եկեղեցւոյն կից Ագարակ կոչուած տեղը թաղուեցան: Ագարակ անունը մտածել կու տայ թէ սա միեւնոյն տեղն է ուր Փառէնի մարմինն ալ յետոյ թաղուեցաւ 109): Այս եղաւ աղետալի վախճանը սուրբ հայրապետներու անսուրբ շառաւիղներուն: Պապ զաւակ չէր ունեցած իր Վարազդուխտ կնոջմէն, այլ միայն Վրիկ անունով ապօրէն զաւակ մը թողուց Հացեկացի հարճէ մը, այսինքն Աշտիշատի մօտ Հացիկ գիւղացի աղջիկէ մը: Իսկ Աթանագինէ իր Բամբիշ կնոջմէն միակ զաւակ մը ունեցած էր, որ է Ներսէս հայրապետը (ԲԶՆ. 49): Պապի եւ Աթանագինէի մահը պէտք է դնել իրենց հօրը մահուանէն քիչ ետքը, 349-ին մերձաւորաբար:

114. ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ

Քաղաքային կացութիւնը բաւական ատեն էր, որ հանդարտ կ՚անցնէր, Տիրանի Յունաց օգնութեամբ գահ դառնալէն ետքը: Շապուհ չէր ուզած նոր խնդիր յուզել այն կողմերը, եւ պատերազմներու դաշտը փոխադրուած էր Միջագետք, հայկական երկիրներէն դուրս: Այս միջոցին էր Մծբինի պաշարումը, ուր Շապուհ ձախողեցաւ, եւ Յակոբ հայրապետի քաջալերիչ գործունէութիւնը եւ սքանչելեաց օգնութիւնը Մծբինը ազատեցին 350-ին: Ճիշդ այն տարին Շապուհ իր մտադրութիւնը դարձուց Հայերուն կողմը, եւ ուզեց վրէժ լուծել Տիրանէն, որ իր կամքին դէմ յաջողած էր թագաւորել Յունաց պաշտպանութեամբ: Բռնութեան դէմ խարդախութիւնը ձեռք առաւ, եւ Տիրանը բարեկամաբար իրեն հրաւիրեց հանրային գործերու վրայ խորհելու համար: Այդ նպատակին գործադիր նշանակուեցաւ Վարազշապուհ, Ատրպատականի մարզպանը, եւ սա օգտուեցաւ Տիրանի սենեկապետ Փիսակ Սիւնիի նենգութենէն: Տիրանի սեփականութիւն եղող ճարտուկ ճանճկէն հոյակապ ձիու մի պատմութիւնը, երկրորդական պարագայ մըն է այս եղելութեան մէջ (ԲԶՆ. 50): Տիրան կը խաբուի, եւ Շապուհէ կը բանտարկուի երկու աչքերը կուրցնելէ ետքը: Մեր պատմիչները այդ կուրացումը իբրեւ աստուածային պատիժ կը նկատեն, եկեղեցւոյ երկու լուսաւորները` Յուսիկն ու Դանիէլը, խաւարեցուցած, այսինքն սպաննած ըլլալուն համար (ԽՈՐ. 203): Շապուհ կը կարծէր այդ կերպով Հայաստանը նուաճել, այլ Հայ նախարարներ մեծամասնութեամբ Պարսիկներուն դէմ զինուեցան, եւ Անդովկ Սիւնին ու Արշաւիր Կամսարականը, պատգամաւոր յղեցին Կոստանդ կայսրէն օգնութիւն խնդրելու (ԲԶՆ. 55): Հայոց եւ Յունաց բանակներ յաջողեցան Պարսիկներու դէմ, որք կատարելապէս կազմ ու պատրաստ ալ չէին, ենթադրելով որ մեծ ոյժ մը պիտի չգտնեն դիմացնին: Բուզանդ կ՚ըսէ թէ Կոստանդ անձամբ եկած էր, եւ կաղամբավաճառի ձեւով Պարսից բանակը լրտեսած էր, եւ թէ պատերազմի մէջ Շապուհի կիներն ու գանձերն ալ գերի ինկան, եւ թէ ինքն ալ հազիւ կրցաւ միաձի ճողոպրիլ (ԲԶՆ. 50): Շապուհ հաճեցաւ Տիրանը ազատել եւ Հայոց թագաւորութիւնը ազատ եւ ապահով թողուլ, բայց միայն որ չէզոք դիրք մը պահէ Յունաց եւ Պարսից մէջ: Տիրան, թէպէտ ազատած, բայց կուրացեալ ըլլալով, այլեւս չէր կրնար թագաւորութիւնը վարել, անդրանիկն Արտաշէս մեռած էր (ԽՈՐ. 199). ուստի թագաւորութիւնը ինկաւ երկրորդին` Արշակի, մինչ երրորդ որդին` Տրդատ, պատանդ կը մնար ի Բիւզանդիոն: Երկիրը խաղաղեցաւ 351-ին:

115. ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ

Փառէն կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր այդ ամէն եղելութեանց մէջ, եւ հնար ալ չէր, որ բացարձակ ճգնաւորութեամբ ապրած ութսունամեայ ծերունի մը կարենար քաղաքական եւ պատերազմական ծանր գործողութեանց մասնակցիլ: Իրեն մահն ալ չուշացաւ, եւ նորէն աթոռոյ պարապութեան խնդիրը մէջտեղ ելաւ: Լուսաւորիչի ցեղէն կար միայն երիտասարդ Ներսէսը, Աթանագինէի որդին, բայց նա ալ բացակայ էր եւ Բիւզանդիոն կը գտնուէր, եւ առժամեայ կարգադրութեան պէտքը անհրաժեշտ դարձաւ: Բուզանդ կը պատմէ, թէ Աղբիանոս եպիսկոպոսի ցեղէն Շահակ մը կաթողիկոս ընտրուեցաւ, եւ մեծաշուք պատուով Կեսարիա ղրկուեցաւ եւ կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ, եւ Հայաստան դառնալով պաշտօնը ստանձնեց, եւ թէ նմանեաց վարուցն Փառինայ, որ է ըսել թոյլ եւ անտարբեր պաշտօնավարութիւն ունեցաւ (ԲԶՆ. 45): Բայց Փառէնի եւ Ներսէհի մէջտեղ Շահակ կաթողիկոս մը, ոչ Խորենացին ունի, եւ ոչ ալ ուրիշ հին ու նոր ցուցակներուն մէջ կը գտնուի, որով մենք ալ իրաւամբ չենք ուզեր այդպիսի կաթողիկոսի մը գոյութիւնը ընդունիլ: Հին պատմիչ մը բացարձակ կ՚ըսէ, թէ յետ մահուան նորա, այսինքն Փառէնի, զայս ամս լռեաց հայրապետութիւն Հայոց (ՍՈՓ. Զ. 14): Այդ կէտը կը հաստատէ նոյնինքն Բուզանդ ալ իր անկապակից պատմութիւնովը, վասնզի ինքն ալ կը մոռնայ թէ Հայոց կաթողիկոս մը նշանակած է, եւ քանի մը գլուխներ ետքը կը պատմէ թէ Արշակ թագաւոր եւ ազգին մեծերը կը հաւաքուին կաթողիկոսութեան դատարկ աթոռին յաջորդ մը տալու համար, եւ որոշելու թէ ում արժան իցէ նստել յաթոռ հայրապետութեան (ԲԶՆ. 68): Հազիւ համառօտ միջոց մը անցած է Փառէնի մահուընէ ետքը, եւ Բուզանդի հնարած Շահակ կաթողիկոսը ոչ մեռած է, ոչ հրաժարած, եւ ոչ աթոռէն մերժուած, որ նոր կաթողիկոսի համար մտածուի, որով աւելի դիւրին է եզրակացնել, թէ գոյութիւն իսկ չէ ունեցած Բուզանդի հնարած կաթողիկոսը: Եւ որովհետեւ Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առած ըլլալու պարագան ալ մտացածին եւ անհիմն եղելութիւն մը կը դառնայ, իրաւունք կ՚ունենանք նոյն եզրակացութիւնը տարածել նախընթացին մէջ ալ այդ պարագային յիշատակութիւններուն վրայ, երբոր այն ուրիշ չի կրկնուիր եւ Բուզանդի գրածը չի ստուգուիր: Փառէնի մահուընէն մինչեւ Ներսէսի ձեռնադրութիւնը, եւ ոչ իսկ տարի մը ատեն կ՚անցնի, եւ այդ միջոցին Արշակ նոր թագաւորած եւ երկրին գործերուն կարգադրութեամբ զբաղած, ընդհանուր փափաքանաց համեմատ ընտրութիւն մը ընելու համար հարկ սեպած է գործերը հանդարտութեամբ յառաջ վարել, եւ ընտրութիւնը յապաղել: Աթոռոյ պարապութեան միջոցին հայրապետանոցի գործերը բոլորովին անգլուխ չէին կրնար մնալ, եւ տեղակալի մը պէտքը անհրաժեշտ էր: Ահա այդ տեղակալը եղած է Շահակ, Աղբիանոսի ցեղէն Մանազկերտի եպիսկոպոսը, եւ ոչ երբեք կաթողիկոս: Իսկ Աղբիանոսեանց ցեղին յառաջ անցնիլը, միեւնոյն ժառանգական սկզբունքին հետեւանքն է: Աղբիանոս հին քրմական մեծ ազգատոհմի զաւակ էր, որ Լուսաւորչի ազգատոհմէն ետքը ամենուն վրայ նախապատուութիւն ունէր, եւ այդ պատճառով Լուսաւորչի նշանակած 12 մեծ եպիսկոպոսներուն առաջինը Աղբիանոս էր (ԱԳԹ. 441). Լուսաւորչի բացակայութեան արքունական դրան վերակացու Աղբիանոս կը մնար (ԱԳԹ. 442), եւ Արիստակէսէ ետքը անմիջապէս Աղբիանոս կու գար պատիւի կարգով (ԱԳԹ. 459): Հետեւաբար ազգային ըմբռնմամբ ալ եւ ժառանգականութեան սկզբամբ ալ Լուսաւորչի տունէն յաջորդ պակսած ատեն, Աղբիանոսի տունն էր որ յառաջ պիտի անցնէր, ինչպէս պիտի տեսնենք նոյն տունէն կաթողիկոսները յիշելով: Շահակ, որ այս անգամ կը յիշուի, եւ որ նորէն պիտի տեսնենք գործի վրայ, ինքն առաջին անգամ պաշտօնապէս ալ կաթողիկոսացաւ: Աղբիանոսեանց տունին, աւելի սովորաբար Մանազկերտացի անունը տրուեցաւ` յորմէհետէ Մանազկերտը իր գաւառներով եւ սահմաններով Աղբիանոս եպիսկոպոսի շնորհուեցաւ իբր կալուած (ԲԶՆ. 10):