Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱԲՐԱՀԱՄ Ա. ԱՂԲԱԹԱՆԵՑԻ

413. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Ընտրութեան նախապատրաստութիւնները լրանալով, եպիսկոպոսներուն միւսանգամ ժողովելոյ (ՈՒԽ. Բ. 60), այսինքն ժողովին երկրորդ նիստը կազմելու ատենը հասաւ, եւ գումարուեցան նոյն եպիսկոպոսունք եւ վանականք եւ քահանայք, իշխանք եւ նախարարք (ՈՒԽ. Բ. 61): Վերագոյն յիշուած էին 50 եպիսկոպոսներ եւ 390 եկեղեցականներ (ԹՂԹ. 147), եւ չենք կարծեր թէ ասոնց վրայ նորեր աւելցած ըլլան, իսկ նախարարներէն բնաւ անուն չյիշուելէն կը հետեւցնենք, թէ պատահաբար Դուինի մէջ գտնուողներ միայն մասնակցած ըլլան, եւ ոչ թէ պաշտօնական հրաւէրով եկածներ: Ընտրութիւնը միաձայն հաւանութեամբ կատարուեցաւ եւ յաջողեցաւ զբազմութեան կամս ի միաբանութիւն գալ (ԹՂԹ. 163) եւ ընտրեալը եղաւ Աբրահամ եպիսկոպոս, Ռշտունիք գաւառի Աղբաթանք գիւղէն, թերեւս այժմեան Աթանանքը, այն որ նախընթաց գումարման առթիւ յիշուեցաւ իբր եպիսկոպոս Ռշտունեաց 410): Աբրահամի ընտրուիլը եւ Վրթանէսի չընտրուիլը այնպէս անակնկալ սեպուած է նոր պատմիչներուն, որ զայն մեկնելու համար ըսած են, թէ Վրթանէս վախճանած էր արդէն (ՅԱՐ. 138), ինչ որ պատմութեան համաձայն չէ, վասնզի Վրթանէս ներկայ եղած է ընտրողական նիստին (ՈՒԽ. Բ. 61), եւ անկէ ետքն ալ տակաւին գործունէութիւն ունեցած է, ինչպէս պիտի յիշենք: Աբրահամի նախադասուիլը կրնանք տարբեր պատճառներու վերագրել: Կրնայ ըլլալ որ Վրթանէս ծերացած ու յոգնած` ուզած ըլլայ ծանր աշխատութեան եւ պատասխանատուութեան ներքեւ չմտնել, Բագարանցիին եւ Կիւրիոնին խնդիրներուն առթիւ: Բայց կրնայ ալ ըլլալ, որ Վրթանէս արդէն Սորմենասի եւ Կիւրիոնի հետ վէճի բռնուած ըլլալուն, ընտրող ժողովը ուզած ըլլայ նոր անձնաւորութիւն մը մէջտեղ հանել, խնդիրներուն լուծումը դիւրացնելու համար: Դիտուած ալ է ընդհանրապէս, որ տեղապահներ դժուարաւ յաջորդութեան կ՚անցնին: Բայց Աբրահամ ալ դիւրաւ յանձնառու եղած չէ, եւ մեծաւ թախանձանօք եւ բազում աղաչանօք ստիպած են զինքը, եւ վերջապէս ըստ սովորութեան իւրեանց աւետարանի վրայ վիճակ ձգելու են դիմած: Աւետարանի վիճակէն ելած է այս տունը. Իջի ես յերկնից, ոչ զի զկամս իմ արարից, այլ զկամս այնորիկ որ առաքեացն զիս (ՅՈՀ. Զ. 38), եւ այս վիճակին մէջ աստուածային կամք մը տեսնելով, զիջած է Աբրահամ, թէպէտ ոչ կամաւ եւ յօժարութեամբ (ՈՒԽ. Բ. 62): Աբրահամ նկարագրուած է բնաւորութեամբ այր հեզ, բարի եւ հաւատարիմ, ուսմամբ իմաստուն եւ երկիւղած եւ լի գիտութեամբ Տեառն, իսկ դաւանութեամբ հաստատուն ի հաւատս ճշմարիտ եւ նախանձախնդիր ուղղափառ հաւատոյ (ՈՒԽ. Բ. 62): Ուրիշ կերպ ալ չէր կրնար ըլլալ այսպիսի տագնապալի եւ փափուկ ժամանակի մէջ պաշտօնի կոչուելու համար: Իր ձեռնադրութեան օրը նշանակուած է, զկնի սրբոյ զատկին, յաւուր կիւրակէի, յելս ամսոյն նաւասարդի (ՈՒԽ. Բ. 61), որ կը ցուցնէ Զատիկի յաջորդ Կիրակին, կամ Նոր Կիրակին, եւ 607-ին Զատիկը Ապրիլ 23-ին իյնալով, Ապրիլ 30-ը կը լինի Աբրահամի ձեռնադրութեան օրը: Միայն թէ նաւասարդի յիշատակութիւնը պէտք է իբր գրիչի վրիպակ մը ընդունիլ: Ձեռնադրութեան Խոսրովի 17-րդ տարին եղած լինելը հաստատութեամբ կրկնուած է (ՈՒԽ. Բ. 3, 62), եւ մարերի սկիզբէն, երբ առաջին նիստը եղաւ, մինչեւ նաւասարդի վերջը, չորս ամիսներ անցած կ՚ըլլային, եւ այնչափ ատեն հնար չէր ժողովը գումարուած պահել: Բաց աստի նաւասարդի վերջը Յուլիս 29-ին կ՚իյնար, եւ այլեւս Զատիկի յիշատակութեամբ օր չէր կրնար ցուցուիլ: Հետեւաբար պէտք է վրիպակը ուղղել, եւ ընթեռնուլ յելս ամսոյն մարերի, որ իրօք ալ կը վերջանար Ապրիլ 23-ին ճիշդ Զատկի օրը: Այդ ուղղութիւնը ուրիշներ ալ կ՚ընդունին (ԱԿԻ. 150): Օրբէլեան բոլորովին տարբեր հաշիւ մը կու տայ, թէ յաւուրս քառասնորդի պահոցն միաբան ժողովին ի Դուին, եւ թէ յաւուր ողոգոմենի տօնին արմաւենեաց նստուցանեն պատրիարք զտէր Աբրահամ Ռշտունեաց եպիսկոպոս (ՕՐԲ. Ա. 141), որով Աբրահամի ձեռնադրութեան օրը, ոչ թէ Զատիկէն շաբաթ մը զկնի, այլ շաբաթ մը առաջ եղած կ՚ըլլար, Ապրիլ 16-ին, եւ ոչ 30-ին: Բայց պէտք է նախադասել Ուխտանէսի հաշիւը, որ աւելի մօտէն գիտցած եւ զննած է այդ եղելութիւնները: Կրնար ալ մտածուիլ թէ Ծաղկազարդին ընտրուած եւ Նոր Կիրակիին օծուած ըլլայ, սակայն հաւանական չ՚երեւիր երկու շաբաթ յապաղելնին:

414. ԲԱՑԱԿԱՆԵՐ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆԵՐ

Աբրահամի ձեռնադրող եպիսկոպոսներուն գլխաւորք կը յիշուին Վրթանէս տեղապահ, Մանասէ Բասենոյ եւ Քրիստափոր Սիւնեաց (ՈՒԽ. Բ. 62). առաջինը իբր աթոռին աւանդապահ, երկրորդը Յունական բաժինին եւ երրորդը Պարսկական բաժինին նախաթոռը: Աչքի զարնող կէտ մըն է որ չեն յիշուիր Աղուանից եւ Վրաց կաթողիկոսները եւ Մովսէս Ցուրտաւի եպիսկոպոսը: Այս վերջինին համար գիտենք, թէ հիւանդութիւն հանդիպեալ նմա յայնժամ մերձ ի մահ, ոչ կարաց գալ ի ժողովն (ՈՒԽ. Բ. 72): Աղուանից կաթողիկոսը, որուն անունը չէ յիշուած, հակառակութեամբ ինչ իրիք ոչ եկն ի ժողովն, եւ այս էր Վրաց եւ Աղուանից մէջ յուզուած նախաթոռութեան խնդիրը, որուն վրայ առանձինն պիտի խօսինք: Իսկ Կիւրիոն ոչ եղեւ կոչեցեալ, քանզի խոտան գտաւ (ՈՒԽ. Բ. 61), եւ իրօք ալ Վրթանէսի եւ Կիւրիոնի միջեւ փոխանակուած գիրերէն ետքը` հնար չէր Կիւրիոնը իբր ժողովական ընդունիլ: Ժողովի գումարուած եպիսկոպոսներէն կ՚երեւի թէ կային ոմանք, որ 2-րդ կանոնին ներքեւ կ՚իյնային, այսինքն է, որոնց դարձին ընդունելութիւնը եւ իրենց աթոռներուն վրայ վերահաստատուիլը կաթողիկոսին վերապահուած էր 411): Աբրահամի առաջին գործերէն մէկը կ՚ըլլայ, իրեն աթոռակիցներով եւ գլխաւոր պաշտօնակալներով ատեան կազմել, եւ քանի մը եպիսկոպոսներու եւ բազմաթիւ վանահայրերու ձեռնարկը այսինքն դաւանութիւնն առնել, եւ զանոնք ապաշխարութեամբ ընդունիլ, ներելով եւ թեթեւացնելով անոնց ապաշխարութեան բեռը, ինչ որ կը հետեւի բեռն ինչ եւ մեր բառնալով բացատրութենէն (ՈՒԽ. Բ. 65): Աբրահամի աթոռակիցներն են այն տասը եպիսկոպոսները, որոնք ընտրութենէն առաջ ալ գործի գլուխ կը գտնուէին 412), եւ որոնցմէ ինքն Աբրահամ պակսելով, մնացած էին Բասենոյ, Սիւնեաց, Ամատունեաց, Անձեւացեաց, Գողթան, Մեհնունեաց, Բուժունեաց, Առնոյ եւ Ելոյ կամ Կայէնի միեւնոյն 9 եպիսկոպոսները, իսկ պաշտօնակալներէն կը յիշուին Սմբատ Մարզպան, Գիգ Դաշտկարան, եւ Վրթանէս վարդապետ Հայոց Շարսազար, որ է դադարեալ տեղապահը: Իսկ ներկայացող եւ ձեռնարկ տուողներն են, Թէոդորոս Մարդպետական, Ստեփանոս Բագրեւանդայ, Մովսէս Խորխոռունեաց, Քրիստափոր Ապահունեաց եւ Ներսէս Վանանդայ եպիսկոպոսներ (ՈՒԽ. Բ. 64): Ասոնց համար ըսուած է թէ ի Յունաց կողմէ են, այլ այս միայն չէ նոր պայմանի ենթարկուելնուն պատճառը, վասնզի Բասենոյ եւ Ամատունեաց եպիսկոպոսներն ալ նոյն կողմէն էին, մինչ վերջին հինգերը սակաւիկ մը ի կասկածի եղեալ էին, որ է ըսել թէ յօժարութեամբ Բագարանցիին կողմնակիցներէն եղած էին (ՈՒԽ. Բ. 63): Իսկ վանահայրերէն յանուանէ կը յիշուին, Աբրահամ Ս. Կաթողիկէի` այսինքն է Էջմիածնի, Սամուէլ Ս. Հռիփսիմէի, Բաբելաս Ս. Յովհաննու, Խոսրով Օշականու, Յաւիտեան Եղիվարդու, Դաւիթ Երեւանու, Իսմայէլ Գառնոյ, Յովնան Աւանի, Իսրայէլ Պտղավանից, Ջոջիկ Արամոնից, Յոհանիկ Ապարանից, Աբաս եւ Որդեակ եւ Աբրահամ Փարպիոյ, Միքայէլ Աղցից, Գրիգորիս Արճոյ, Կողմաս Ուրդայ, Մայէն միւս Արճոյ, Յոհանիկ Արծափաց, Սիմոն Դադաւանից, Մամաս Բագարանի, եւ այլ վանից երիցունք երիցամբք հանդերձ, այսինքն է վանահայրեր իրենց գլխաւոր վարդապետներով: Այս անձերէն նկատողութեան արժանի կը համարինք Ս. Յովհաննու Բաբելասը, որ համարձակած էր Մովսէս Ցուրտաւացին իր վանքը պահել 404), եւ Աւանի Յովնանը, որ նոյնիսկ Բագարանցիին աթոռանիստին մէջ կը գտնուէր 389): Դիտել պիտի տանք եւս, որ Մարդպետականի Թէոդորոս եպիսկոպոսին այդ գիրքին մէջ գտնուիլն էր, որ մենք չհաւանեցանք այն ալ գլխաւոր վարիչ եպիսկոպոսներուն մէջ դասել 412):

415. ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ

Կանոնական սովորութիւն է որ պաշտօնէութեանց պատկանող իրեր, որք խնամով կը պահուին աւանդատուներու մէջ, նախորդէն յաջորդին փոխանցուին երբոր պաշտօնակալի փոփոխութիւն կ՚ըլլայ, եւ այդ առթիւ անոնց ամբողջութիւնն ալ անգամ մը ստուգուի, եւ ըստ այնմ յանձնուի յաւանդ եւ ի պահ: Կասկած չկայ որ այսպիսի սովորութիւն մը Հայոց հայրապետական աթոռին մէջ ալ պահուած էր, բայց որովհետեւ ընդհանրապէս յիշատակութիւններ կը պակսին, մեզի յոյժ հետաքրքրական երեւցած է Ուխտանէսի պատմածը, թէ այս փոխանցումը կատարեց Վրթանէս տեղապահ, եւ հայրապետական գանձին գոյքերը, որ ինչ նմայն էր հաւատացեալ ի Մովսէսէ Հայոց կաթողիկոսէ ի ժամ մահուան իւրոյ, մի առ մի յանձնեց նորընտիր կաթողիկոսին: Անոր համար կարեւորութենէ զուրկ չենք սեպեր յանձնուած իրերուն ցուցակը քաղել, իբր հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը: 1. Փրկական կենսակիր նշանը, որ է Խաչափայտի նշանաւոր մասունքը, որ ցայսօր ալ կը պահուի: 2. Առաքելոց մասունքներ, Լուսաւորչին օրէն մնացած, ինչպէս մինչեւ այսօր ալ պահուած կան զանազան առաքելոց մասունքներ: 3. Աթոռ եւ գաւազան, պատուով պահեալ եւ պաշտեալ, որ կ՚երեւի հինէն կամ Լուսաւորչէն մնացած էին: 4. Սկիհներ եւ սեղանի զգեստներ, որ պէտք է ըլլան սկիհի ծածկոցներ եւ սեղանի սփռոցներ ու գոգնոցներ: 5. Վարագոյրներ, խնկանոցներ, բուրվառներ եւ քշոցներ, որով ասոնց կիրառութեան հնութիւնը կը հաստատուի: 6. Վակաս կաթողիկոսի ոսկեթել մետաքսեայ գոհարներով եւ մարգարիտներով զարդարուած, որ պէտք է ըլլայ հայրապետական քօղը: 7. Քահանաներու եւ սարկաւագներու զգենլիներ եւ արկանելիներ, բեհեզէ եւ ծիրանիէ, որ պիտի ըլլան կաթողիկոսին սպասաւորելու համար ծանր զգեստներ: 8. Տրդատ թագաւորի պատուական զգեստը, տուեալ ի տուն Տեառն ի սպաս սրբութեան, զոր Ուխտանէս ալ տեսեր է իր ատենը: 9. Բազում գրեան զանազան եւ ազգի ազգի եկեղեցական եւ վարդապետական, որ հայրապետանոցի մէջ գրադարանի եւ դիւանի գոյութիւնը կը հաստատեն: 10. Մարմնաւոր իրք գոյիւ չափ, որով պէտք է իմանալ, արժէքաւոր նիւթեր կիրառութեան կամ պահուելու սահմանուած: Ասոնց ամէնքը Վրթանէս գրով առաջի կացուցանէր, որով ցուցակներ եւ արձանագրութիւններ ալ եղած ըլլալը կ՚իմացուի, եւ ամէն բան ճշդութեամբ ստուգուելուն վրայ, օրհնեալ լինէր ի հայրապետէն: Տեղապահին պաշտօնավարութիւնն ալ նկատի առնուելով, տեսնուած է, թէ ոչինչ թեթեւ եւ թերի թողեալ էր, եւ բոլոր եպիսկոպոսներ գոհունակութիւննին յայտնած են, եւ այսպէս փակուած է տեղապահութեան շրջանը: Օրհնեաց նա զնոսա եւ օրհնեցաւ ի նոցանէ. կ՚ըսէ Ուխտանէս, եւ իրաւ ալ մեծ արդիւնք էր Վրթանէսին ըրածը, որ իբրեւ հաւատարիմ տեղապահ եւ աւանդապահ կրցած էր անվնաս եւ անվտանգ պահել հայրապետական աթոռը եռամեայ բուռն տագնապներու ժամանակ (ՈՒԽ. Բ. 66):

416. ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Եպիսկոպոսներ չցրուած փափաքեցան մեծահանդէս շքով միւռոնի օրհնութիւնն ալ կատարել, որ մեր եկեղեցւոյն մէջ կաթողիկոսի վերապահուած իրաւունք է, եւ Մովսէս կաթողիկոսի մահուընէն ի վեր ոչ էր այլ օրհնեալ իւղ օծութեան, եւ Վրթանէս բաւականացեր էր ըստ պիտոյից բաշխելով զօրհնեալն ի նմանէ: Միւռոնի նիւթը, գլխաւորապէս ձէթն ու բալասանն է, որուն կը խառնուի քառասուն տեսակ հոտաւէտ ծաղիկներու եւ խունկերու հիւթը` գինիով եփուած ու քամուած: Պատրաստութիւնը օրերու կը կարօտի, եւ զայն առաջուընէ հոգացած ու գործեալ էր Վրթանէս հանդերձ պաշտօնէիւք եկեղեցւոյն, համաձայն այն պայմաններուն, որպէս սովորութիւն է արուեստիւ գործել իւղագործաց: Միւռոնի օրհնութեան հանդէսը երրորդ ժողով կ՚անուանէ Ուխտանէս (ՈՒԽ. Բ. 67), եւ կ՚երեւի թէ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ մասնակցեցան հանդէսին, զոր սովորաբար կը կատարէ կաթողիկոսը 12 եպիսկոպոսներու հանդիսակցութեամբ: Գիշերն ամբողջ հսկում կատարեցին, եւ զտիւն ողջոյն տքնեալ, հազիւ կրցան խորհրդական օրհնութիւնը լրացնել: Քանի որ նիւթերը պատրաստ էին, եւ եպիսկոպոսներ տեղերնին երթալու կը շտապէին, յարմար է միւռոնի օրհնութիւնը ձեռնադրութեան յաջորդ Կիրակին կատարուած ըսել, աշխարհամատրան յիշատակին, 607 Մայիս 7-ին: Ապա ի միւսում աւուրն Աբրահամ կաթողիկոս միւռոնը կը բաշխէ եպիսկոպոսներուն եւ վանահայրերուն, եւ փոխադարձաբար իրար օրհնելով, եւ հրաժեշտի ողջոյնը փոխանակելով, հետզհետէ խնդութեամբ եւ խաղաղութեամբ, ամէնքը կը ցրուին յիւրաքանչիւր վիճակ (ՈՒԽ. Բ. 68): Եւ իրաւունք ալ ունէին, վասնզի մեծ գործ մը գլուխ հանած էին, եւ եկեղեցւոյ մէջ մտած պառակտումները վերջացուցած էին: Հայոց Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութիւնը եւ ինքնուրոյն վարչութիւնը` անգամ մը եւս ամրացած էին այս կերպով, եւ Յունական բաժինին մէջ մուտ գտած թուլութիւնները դարմանուած էին, եւ Բագարանցիին հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը տկարացած էր, որով ինքն ալ գրեթէ աննշանակ դիրքի վերածուած, սկսաւ քաշուած ապրիլ Կարինի մէջ:

417. ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌԸ

Եկեղեցական միաբանութեան եւ համաձայնութեան հաստատուելուն մէջ, յատուկ նշանակութեան արժանի պարագայ մըն էր Սիւնեաց եպիսկոպոսին բռնած ուղղութիւնը: Սիւնեաց եպիսկոպոսը ոչ միայն Յունաց բաժինին գլխաւորներէն էր (ՕՐԲ. Ա. 143), այլեւ Դըւնայ աթոռէն բաժնուած էր, մինչ նոյն բաժինին գլխաւորներէն, Բասենոյ Մանասէն, հոգւով չափ պաշտպան էր հայրապետական աթոռին եւ Հայոց դաւանութեան: Սիւնեաց աթոռը իրեն համար բարձրագոյն դիրք մը կը պահանջէր, հաւասար կայսերական սահմաններուն մէջ գտնուող մետրապոլիտներուն, որք իրենց ձեռքին տակ եպիսկոպոսներ ունէին, անոնց ձեռնադրութիւնը կը կատարէին, եւ յատուկ համախմբութիւններ կ՚ունենային իբր գաւառական ժողովներ: Այսպիսի դիրք մը ունէին Աղուանից եւ Վրաց կաթողիկոսները, որք յատուկ առաքելական քարոզութիւններ ալ ունեցած էին: Թերեւս նոյն հիմամբ էր Սիւնեաց աթոռին պահանջն ալ, որ առաքելական ժամանակէն Եւստաթէոսի ձեռքով հաստատուած էր 16), որուն յաջորդած էր Կումսի 22), եւ շարունակեալ յաջորդութիւն ալ կազմուած էր Լուսաւորչէն առաջ 29): Այդ խնդիրին սկիզբը կը վերագրուի Պետրոս Սիւնիին, զոր գովեստով յիշեցինք Ներսէս Բագրեւանդացիին տուած աջակցութեանը համար 348), եւ զարմանալի կը թուի մեզ անոր վերագրել այնպիսի շարժում մը, որ մինչեւ ազգային պառակտումի պատճառ տուաւ: Ուրիշ տեղ ալ այդ պառակտումին ակնարկեցինք, եւ յիշեցինք Յովհանի հակաթոռութեան իբր շարժառիթ ցուցուիլը 375), այնպէս որ Սիւնեաց աթոռին բաժնուիլը խառն պատճառներէ առաջ եկած, կամ թէ մէկով սկսած եւ միւսով զօրացած կ՚ըլլայ, եւ վասն հրամանի սրբոյն Պետրոսի բարուրանքը առջեւ նետուած կ՚ըլլայ, միայն հեղինակութիւն մը աւելցնելու համար: Արդ եթէ ոչ Վրթանէս, գոնէ անկէ ետքը եկող Սիւնեաց եպիսկոպոսներ սկսան ձեռնադրութիւն եւ միւռոն ընդունիլ Աղուանից կաթողիկոսէն, ինչպէս կը վկայէ Օրբէլեան, Սիւնեաց աթոռին յաջորդ մը (ՕՐԲ. Ա. 133), եւ այսպէս ըրած պիտի ըսուին գոնէ Գրիգոր եւ Քրիստափոր (ՕՐԲ. Ա. 140): Այս երկրորդին օրով է` որ երկպառակութիւնը վերցուեցաւ, շնորհիւ եւ արդեամբ Սմբատ մարզպանի: Այդ յաջողութեան օգնած է Սահակ իշխան Սիւնեաց (ՕՐԲ. Ա. 143), որ անկեղծ կերպով միաբանած է Սմբատի հետ, եւ գործակցած անոր նպատակին: Սահակ, իբրեւ աշխարհական եւ իշխան, դիւրաւ կրցած էր համաձայնիլ Յունաց դաւանութեան ալ, մինչ Սմբատի հետ միանալու համար, պէտք էր որ Հայոց դաւանութեան դառնար: Թղթոց Գիրքին մէջ այսպիսի դարձի պաշտօնագիր մը կայ, որուն մէջ ոմն Սահակ` որդի Համազասպայ, Արած գիւղէն, նեստորական վարդապետութենէ դառնալու, զայն նզովելու, եւ ուղղափառութեան դառնալու յայտարարութիւն եւ ստորագրութիւն կը ներկայէ Մանասէ Բասենոյ եւ Յովհաննէս Ամատունեաց եպիսկոպոսներուն, Գիգ Դաշտկարանի եւ Սարգիս Զօրականեան իշխաններուն, եւ Քչկանորդի վարդապետին, որ է Վրթանէս տեղապահը, եւ այս հինգերն ալ իրենց կնիքով կը վաւերացնեն տրուած յայտարարութիւնը (ԹՂԹ. 108): Որպէսզի հերքում մը այդչափ հանդիսաւոր ձեւ մը զգենու, եւ հերքման գիրը Գիրք Թղթոցին անցնելու կարեւորութիւնը ստանայ, հնար չէ որ Արած գիւղացի աննշան Սահակի մը յայտարարութիւնն ըլլայ, ուստի բոլորովին մտացածին կարծիք մը չենք համարիր, ըսել թէ Սիւնեաց իշխան Սահակին կը պատկանէր այդ յայտարարութիւնը, որ պիտի ծառայէր Սմբատի հետ անկեղծ գործակցութեան մտնելը հաստատել: Գիտենք որ միեւնոյն ատեն կային Սահակ մըն ալ Մամիկոնեան նախարար (ՍԵԲ. 88), եւ Սահակ մըն ալ Արծրունեաց նահապետ (ՍԵԲ. 124) ինչպէս կրնային ըլլալ ուրիշ Սահակներ ալ, սակայն Գիրք Թղթոցին անցնելու պարագային` պատմական նշանակութիւն մը տալ կեղակարծ մտածմունք չէ: Պատմութեան կարգին դառնալով, աւելցնենք թէ Աբրահամի ընտրութենէն քիչ ետքը Սիւնեաց եպիսկոպոս Քրիստափոր մեռաւ, 10 տարի պաշտօն վարելէ ետքը եւ իրեն յաջորդեց Դաւիթ, Աբրահամի ձեռնադրութեամբ (ՕՐԲ. Ա. 145): Հայրապետական աթոռին եւ Սիւնեաց աթոռին հաշտութեան հիմերէն մէկը եղած էր հարկաւ` քիչ ու շատ Սիւնեաց աթոռին գոհացում տալու խոստումը, ինչպէս որ յետոյ կարգադրուեցաւ:

418. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԱԹՈՌԸ

Սիւնեաց աթոռին Հայոց հայրապետական աթոռէն հեռանալով Աղուանից աթոռէն ձեռնադրութիւն եւ միւռոն ընդունիլը, յայտնի կը ցուցնէ Հայոց եւ Աղուանից աթոռներուն մէջ ալ գժտութիւն ինկած ըլլալը: Ասոր ալ պատճառը, Աղուանից եւ Վրաց աթոռներուն միջեւ ծագած յառաջնութեան խնդիրն էր: Աղուանից աթոռը իբր առաքելական աթոռ կը նկատուէր Եղիշէ առաքելոյ հաստատութեամբ(§ 16), եւ յառաջնութիւն կը վայելէր, բայց յետոյ Վրաստան աւելի կարեւորութիւն ստացաւ, եւ Հայեր ուզեցին Վրացիները շահիլ, եւ չվարանեցան Վրաց աթոռին յառաջնութիւն տալ: Ասկէ ծագում առած էր Հայոց եւ Աղուանից մէջ պաղութիւն մը, որ հետզհետէ երկուքը իրարմէ հեռացուցած էր, եւ կ՚երեւի թէ պաղութիւնը գժտութեան հասցնողը եղած էր Աղուանից Աբաս կաթողիկոսը, որ երկարատեւ եւ ազդեցիկ պաշտօնավարութիւն ունեցաւ: Սիւնեաց աթոռին ալ իրեն կողմ անցնիլը քաջալերեց Աղուանից աթոռը, եւ երկուքն ալ աւելի զօրացան, երբ Յովհան Բագարանցին կաթողիկոս հռչակուեցաւ Յունաց բաժինին մէջ, եւ Հայոց հայրապետութիւնը պառակտեալ ձեւ մը առաւ: Ասոր հետեւութիւնն ալ` Աղուաններէն ոմանց յունական կամ քաղկեդոնեան դաւանութեան մօտենալն էր, որոնց մէջ կը յիշուին Մխիթար Ամարասու եւ Սիմոն Մեծկողմանց եպիսկոպոսները (ԹՂԹ. 196): Հայերուն Վրաց տուած պաշտպանութեան հետեւանքներէն մին կրնանք նկատել, Կիւրիոնի ձեռնադրութիւնը, որով Մովսէս կաթողիկոս ձիրքերով կարող եւ հայրապետանոցին հետ կապուած անձ մը ուզեց բարձրացնել Վրաց աթոռին վրայ, այլ ծերունի հայրապետին նախատեսութիւնը վրիպեցաւ, որովհետեւ Կիւրիոն, տարբեր ուղղութիւն բռնեց եւ Հայոց աթոռը նշկահելու ճամբան մտաւ: Այն ատեն է, որ Հայեր ալ ուզեցին ուղղութիւնը փոխել, եւ Աղուանից աթոռը սիրաշահիլ: Սմբատ իր ընդարձակ ձեռնարկին մէջ այդ կէտն ալ նկատի առաւ, եւ Սիւնեաց եպիսկոպոսին հետ Աղուանից կաթողիկոսն ալ հայրապետական ընտրութեան մասնակից ընել ուզեց, բայց չյաջողեցաւ, եւ այս է Աղուանից կաթողիկոսին հակառակութեամբ ինչ իրիք ժողովի չգալուն բացատրութիւնը 414): Սակայն ցորչափ կը տեւէր Կիւրիոնի տարօրինակ ընթացքը, Հայերը կը շարունակէին Աղուանները սիրաշահելու ջանքերնին, ինչ որ չէր կրնար վրիպիլ Կիւրիոնի տեսութենէն, եւ աւելի եւս սաստկացնել անոր փառասիրական եւ անջատողական զգացումները:

419. ՆԱԽԱԹՈՌՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Ուխտանէս, ոչ ի գրոյ այլ ի լրոյ առնելով, կը պատմէ թէ Աբրահամու ընտրութենէն ետքը, Վրաց եւ Աղուանից կաթողիկոսները այցելութեան եկան ի սէր եւ ի հնազանդութիւն, թէ Աբրահամ ընդունեցաւ անոնք մեծաւ պատուով, թէ պատուոյ սեղանին վրայ երբ բաժակին կարգը եկաւ, օրհնեաց եւ ետ նախ կաթողիկոսին Աղուանից (ՈՒԽ. Բ. 113), եւ թէ ասկէ զայրացաւ Կիւրիոնի հակառակու թիւնը, որ կը պնդէր, որ այս տանս գահերէցութիւնս նախ իմ էր, վասնզի վիճակաւ վերագոյն եմ քան զդա, եւ եպիսկոպոսօք եւս առաւել: Աբրահամ կը ջանայ Կիւրիոնը հանդարտեցնել, Աղուանից կաթողիկոսին ծերութիւնը միայն պատուել ուզած լինելը պատճառելով (ՈՒԽ. Բ. 116), սակայն Կիւրիոն չի համոզուիր, եւ ել արտաքս ի սեղանոյն, եւ ոչ ոք կարաց դարձուցանել զնա (ՈՒԽ. Ե. 117): Եղելութիւնը պատմական չէ, վասնզի Կիւրիոն երբեք Աբրահամի այցելութեան եկած չէ, ինչպէս ինքն ալ աւելի ուշ կը խոստովանի թէ պարտ էր ինձ զի գայի եւ ի ձենջ օրհնէի, բայց վասն չար ժամանակիս եւ աշխարհի կարեաց խափանեցաք (ԹՂԹ. 167): Սակայն խնդիրին իրականութիւնը ստոյգ է թէ Կիւրիոնի գրգռութիւնը աւելցնելու պատճառ եղած է Աղուանից եւ Վրաց աթոռներուն խնդիրը: Թէպէտ հետագայ թղթակցութեանց մէջ ոչ Աբրահամ եւ ոչ Կիւրիոն խնդիրին այդ կողմը չեն շօշափեր, սակայն նոյնիսկ Ուխտանէսի յառաջ բերած զրոյցը կը հաւաստէ, թէ Հայոց եւ Վրաց խնդիրին մէջ աթոռներու յառաջնութեան կէտն ալ իր կարեւորութիւնն ունեցաւ: Բայց պէտք է յիշել, որ Աղուաններու հետ կատարեալ հաշտութիւնն ալ, դիւրաւ չկարգադրուեցաւ, եւ նորանոր աշխատութեանց տեղի տուաւ, ինչպէս պիտի պատմենք:

420. ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ՄՈՎՍԷՍ

Երբոր Դըւնայ մէջ այդ ամէն գործողութիւնները կը կատարուէին, ու հայրապետական աթոռը կը վերանորոգուէր, եւ Հայ Եկեղեցւոյ պառակտումները կը դարմանուէին, անդին Մովսէս Ցուրտաւացին Յովհաննավանքի միայնութեան մէջ մահացու հիւանդութեամբ կը տառապէր, եւ եթէ վտանգը կ՚անցընէր, այլ ապաքինութենէ ետքն ալ երկարատեւ տկարութիւն ունէր, եւ հիւանդացեալ ի նեղութեան էր (ԹՂԹ. 161): Հարկաւ նորա վիճակը նորընտիր կաթողիկոսին հաղորդած էր Բաբելաս վանահայրը, որուն անունը Դուինի ժողովին ներկաներուն մէջ տեսանք 414), եւ երեւի թէ դառնալուն կաթողիկոսին կողմանէ երկայնամտութեան եւ լռութեան հրահանգ բերաւ Բաբելաս, որ Ցուրտաւացին կրցաւ ձայն չհանել երկար ժամանակ, եւ միայն յետ ութից ամսից անցելոց, իր առաջին գիրը ուղղեց Աբրահամին (ՈՒԽ. Բ. 72): Ըստ այսմ Մովսէսի գրութիւնը պէտք է դնել 608 տարւոյ սկիզբը, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ: Այս նամակով կը շնորհաւորէ Աբրահամի ընտրութիւնը, բարեբաստ կը համարի անոր հայրապետութիւնը, որովհետեւ կ՚ըսէ, օրհնեաց Աստուած յոտին քում զաշխարհս Հայոց. եւ իբր անոր հետեւանք կը յիշէ իշխանաց բազմաժամանակօք հեռացելոց Հայաստան դառնալը, եւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մարմնաւոր պատառման վերջանալը, եւ անդրէն միաւորութեան հաստատուիլը, եւ կը յուսայ զկատարումն եւս լաւագոյն լինել: Իրեն համար ալ օգնութիւն կը խնդրէ, որ հաւատակից եւ աշակերտ ձեր էր կ՚ըսէ, եւ այժմ հիւանդացեալ ի նեղութեան է, եւ պէտք եղածը կը թողու որ ի Վրթանէսէ քերթողէ տեղեկանայ: Բայց գլխաւորապէս կը յանձնարարէ որ ի Վրաց մինչեւ յաշխարհն Աղուանից, ուղղափառ հաւատքը պաշտպանէ եւ ամրացնէ (ԹՂԹ. 161-162): Աբրահամ կը փութայ Ցուրտաւացին մխիթարել իր պատասխանով: Շնորհաւորութեան մասին զանբաւականութիւն իր կը խոստովանի, ինքն ալ կը զարմանայ թէ որպէս ըմբռնեցաւ: Վրաց եւ Աղուանից համար հոգածութիւն կը խոստանայ, եւ կը հրաւիրէ ի Սուրբ Զատիկն գալ, մինչդեռ տէր Սմբատ աստէն է, որպէսզի հոգան որովեւէ օրինակաւ նախ զայդ ի գլուխ տանել, այսինքն է Ցուրտաւացիին եւ Կիւրիոնի խնդիրը վերջացնել: Յիշուած Զատիկը կ՚իյնար 608 Ապրիլ 7-ին: Իսկ Փարպիէ Դուին մօտաւորութիւնը նկատի առնելով, հնար է Աբրահամի պատասխանը դնել նոյն տարւոյ Յունուարի վերջերը:

 

421. ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ԿԻՒՐԻՈՆ

Աբրահամ միեւնոյն ժամանակ Կիւրիոնի ալ կը գրէ, որուն հետ մինչեւ այն ատեն լռութիւն պահած էր` խոհական մտածութեամբ, որպէսզի հանդարտութեան մէջ կիրքերը մարին եւ դիւրին ըլլայ իրար հասկնալ: Աբրահամ կը սկսի յիշել Մովսէս կաթողիկոսի անոր գրածը 397), կը ցաւի որ Ցուրտաւի եպիսկոպոսը հալածուած է, եւ Շուշանիկի ուխտատեղւոյն մէջ պաշտօնն հայերէն արգելուած է, որ փոխադարձ միութեան նշանակ էր: Դիտել կու տայ Կիւրիոնի, թէ Քաղկեդոնի ժողովը եւ Լեւոնի տոմարը կը պաշտպանէ` հակառակ Կաւատի օրով միաբանութեամբ հաստատուած ժողովական որոշման 340), եւ կը խրատէ իր նոր ուղղութենէն հեռանալ: Ի վերջոյ չի կրնար հաւատալ թէ ինչպէս արքայից արքայի ծառայից, այսինքն պարսկահպատակներուն հնար ըլլայ սիրոյ միաբանութիւն առնել ընդ օտար թագաւորութեամբ, այսինքն է յունական կայսրութեան շահերուն ծառայել: Կը յիշէ եւս թէ մտածած է եպիսկոպոսունս արձակել, բայց առ այժմ պատշաճ սեպած է թղթով ընդունել պատասխանի: Կիւրիոն կը փութայ անմիջապէս պատասխանել, եւ կաթողիկոսին ընտրութիւնը շնորհաւորելէ կը սկսի, բայց զարմանալի է որ մինչեւ ութն ամիսներ այդ պատշաճողութիւնը զանց ըրած է: Մովսէս կաթողիկոսի նամակին ակնարկելով, այնպէս իմն կը ցուցնէ, թէ ինքն անկէ առաջ ալ, Նեստորականներուն մոլորութիւնը իմանալով` Խուժիկը մերժած է (ԹՂԹ. 166): Սակայն երկրորդ թուղթին մէջ կը խոստովանի, թէ այդ մասին Մովսէս օրհնեալ գրեաց առ իս, եւ գիտէի թէ արդար է, ըստ նորա հրամանի հեռացուցի զնոսա ի մէնջ (ԹՂԹ. 178): Հարկաւ ինքն ալ հասկցած է թէ երկդիմի խօսքերով, Աբրահամ չի խաբուիր: Շուշանիկի հայերէն պաշտօնին համար կ՚ըսէ, թէ մեր պաշտօնն չէ փոխեալ, այլ եպիսկոպոսին վրացերէն եւ հայերէն գիտնալուն համար, կարգադրած էր երկոքումբ դպրութեամբք կատարել: Ցուրտաւի եպիսկոպոսին համար կ՚ըսէ, թէ ես զնա ոչ հալածեցի, այլ էր ինչ որ լսեցի վասն նորա, ուստի կոչէի առ իս եւ կամէի խրատ տալ, այլ նա յիմ կոչն չեկն, եւ ի գիշերի գաղտ գնաց ` իր վիճակն ալ լքանելով: Այս մասին մէջ ալ Կիւրիոն ճշմարտախօս չէ, վասնզի Ցուրտաւացիին Տփղիս երթալը կը լռէ, եւ միայն Ցուրտաւէ փախչիլը կը յիշէ: Քաղկեդոնական խնդիրին գալով, Յունական կայսրութեան ծառայելու կերպարանը հեռացնելու համար, Երուսաղէմի աթոռը մէջտեղ կը դնէ, եւ Բիւզանդիոյ յիշատակութիւն չ՚ըներ: Մեր հին հաւատքը, կ՚ըսէ, Երուսաղէմի հետ մէկ էր, այժմ ալ զհաւատ Երուսաղէմի ունիմք եւ կալցուք, թէպէտեւ ծառայք արքայից արքայի եմք, որուն թագաւորութեան մէջ ալ Հոռոմներ կան, որ քաղկեդոնական են: Աբրահամի եպիսկոպոսներ յղելու ակնարկութեան, Կիւրիոն հեգնութեամբ կը պատասխանէ, թող զի գան որ ուսուցանեն եւ ուսանին: Վերջէն կ՚աղաչէ անմեղադիր ըլլալ որ անձամբ չկրցաւ գալ, եւ թուղթին պատասխանը կը խնդրէ (ԹՂԹ. 167):

422. ՍՄԲԱՏ ԵՒ ԿԻՒՐԻՈՆ

Սմբատ չէր դադարած ազգի եւ եկեղեցւոյ գործերով զբաղելէ, եւ հայրապետի ընտրութենէ ետքն ալ կը շարունակէր միաբանութեան ձեռնարկին հետեւիլ, եւ իր ազդեցութեամբ անոնց յաջողութեանը աշխատիլ: Երբոր պէտք եղաւ որ Աբրահամ Կիւրիոնի գիր մը ղրկէ, Սմբատ ուզեց իր կողմանէ ալ գրել, որպէսզի գործին ոյժ տուած ըլլայ, եւ երկու նամակներ միատեղ ղրկուեցան: Սմբատին գրած թուղթին կը մասնակցին Գիգ Դաշտկարանը եւ Շարսաղար վարդապետը, որոնք կարծես թէ իրարմէ անբաժան վերին հսկող եւ խնամակալ մարմին մը կը կազմեն: Սմբատ ալ կը յիշէ թէ Հայոց եւ Վրաց եկեղեցիներ մի էին, բայց օտարամուտ խառնակիչներ պատճառ եղան որ երկու ազգերուն մէջ, նոյնիսկ Հայեր իրարու մէջ երկպառակութիւններ ունենան, բայց այժմ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ արքայից արքայի բարերարութեամբ հայրապետ կարգեցաւ եւ ուղղութիւն եղեւ, ուստի կը խնդրէ որ Վրաց հետ ալ միաբանութիւնը հաստատուի, որպէս եւ մեր հարքն էին: Կը յաւելու թէ ինչ ինչ բաներ լսած է յեպիսկոպոսէս Ցուրտաւայ, որ աստ է, եւ շատ ցաւած է: Այսպէս են Շուշանիկի հայերէն պաշտօնին խափանուիլը, եւ Մծխիթա գացող հայ ուխտաւորներու դէմ յարուցուած դժուարութիւնները, որով Սմբատ ինքն ալ արգիլուած է ուխտի երթալ: Կը գրէ եւս թէ կամէաք եպիսկոպոսունս հանդերձ քերթողօք արձակել, բայց առ ժամս բաւական համարեցաք թղթով զկամս ձեր գիտել: Սմբատի գրածն ալ Աբրահամի գրածին հետ գրեթէ նոյն է (ԹՂԹ. 169), միայն Ցուրտաւացիին համար աստ է ըսելը, պէտք չէ Դուին եկած իմանալ, այլ թէ մեր կողմերն է, Փարպիին Դուինէ շատ հեռու չըլլալուն համար: Կիւրիոն կը փութայ Սմբատի ալ պատասխանել, շատ մը քաղաքավարի խօսքերով անոր փառաւորութեան եւ եկեղեցւոյ միաբանութեան աշխատելուն մասին: Դաւանութեան խնդրոյն վրայէն սահելով կ՚անցնի, Շուշանիկի պաշտօնին եւ Մծխիթայի ուխտին համար, Աբրահամին տուած պատասխանները կը կրկնէ: Ցուրտաւի եպիսկոպոսին վրայ, գիշերայն փախչելէն զատ, ապստամբ Վահրամի մօտ երթալու ամբաստանութիւնն ալ կ՚աւելցնէ, այնպէս որ սակաւիկ ինչ պիտեցաւ, եւ դեռ զքաղաքսն առնուլ տայր: Սմբատի Մծխիթայի ուխտէն խափանուելուն համար ալ կ՚ըսէ, որ իրենք անոր կողմէն հօրն ու մօրը համար աղօթած են, եւ կը մաղթէ որ արժանի ըլլայ, ի մօտ աւուրս գալ եւ երկրպագել սրբոյ Խաչիս (ԹՂԹ. 171): Այս պատասխանին մէջ մութ կը մնայ Վահրամին երթալու ամբաստանութիւնը, զոր իբրեւ քաղաքական կեղտ մը, եւ իբր Սմբատի միտքը պղտորելու միջոց, մարզպանին կը գրէ Կիւրիոն, մինչ հայրապետին գրածին մէջ չի յիշեր: Վահրամի անձը անծանօթ է, բայց ապստամբ մը որ կարենայ Վրաստանի քաղաքները գրաւել եւ Արեաց աշխարհին մեծ զեան հասուցանել, զօրաւոր ոյժի տէր մէկը պէտք է ըլլայ, եւ մէկէն մտածել կու տայ Վահրամ Չոբինի 388), որ Խոսրովի դէմ ելած էր, եւ որուն յիշատակն ալ միշտ ահռելի մնացած էր Պարսիկներուն մէջ 391), թէպէտեւ 18 տարիներ անցեր էին Վահրամի յաղթուելէն եւ անյայտանալէն ի վեր: Եթէ այսպէս իմացուէր, Կիւրիոնի ըսածը անգոյ վտանգի մը կեղծիքը կ՚ըլլար: Սակայն Ցուրտաւացին ինքն ալ Վահրամի գոյութիւնը կ՚ընդունի, ինչպէս պիտի տեսնենք: Այս չորս նամակները, երկուքը Կիւրիոնի եւ երկուքը Կիւրիոնէ գրուած, պէտք է 608 տարւոյ Փետրուար ամսուն մէջ դնել մերձաւորաբար:

423. ՄՈՎՍԷՍԻ ՉՔՄԵՂԱՆՔԸ

Ցուրտաւացին անգործ չէր, եւ ինչչափ ալ կաթողիկոսին գրած էր թէ հիւանդացեալ ի նեղութեան է (ԹՂԹ. 161), սակայն արթնութեամբ կը հետեւէր ամէն գործողութեանց, որով եւ կրցած էր տեսնել զպատասխանիս թղթոց, զորս գրած էր Կիւրիոն, ուստի փութաց պարտուպատշաճ բացատրութիւնները հասցնել Սմբատի, որ չըլլայ թէ Կիւրիոնի զրպարտութիւններէն շփոթի: Գուցէ, կը գրէ, երկմտեցոյց ինչ զձեզ, բայց դուք կարող էք հեռագոյն տեղերու մէջ եղածներուն վրայ ալ քննութիւն բանալ, թող թէ այսպէս Վրաց եւ Հայոց սահմանակցութեան մօտիկ տեղեր կատարուած գործերու վրայ: Անկէ կ՚անցնի կրկնել, թէ կոչին պատասխանեցի, զինն օր ի Տփղիս ի նորա դուրս կացի, եւ յանդիման չարար, թէ մեկնեցայ երբոր նա ալ Մծխիթա մեկնեցաւ, թէ գիշերանց չփախայ, այլ լուսով գնացի, թէ Ցուրտաւէն մեկնելով եօթներորդ օրը Յովհաննու վանք հասայ, որով ուրիշ տեղեր կամ Վահրամի մօտ երթալու միջոց ալ չէր մնար, եւ ինչչափ ալ յետոյ Վահրամ զինքն հրաւիրեց, ինքն տեղէն չշարժեցաւ, եւ եթէ Վահրամի գացած ըլլայի, կ՚ըսէ, ինչո՞ւ այս կողմերը գայի: Վահրամի նամակին համար ալ, կ՚ըսէ, թէ կաթողիկոսին ցուցուցած է, եւ կրնայ Սմբատի ալ ցուցնել, ինչպէս նաեւ իր տուած մերժողական պատասխանը: Իսկ վասն չար գործոց յանդիմանելու կոչուած ըլլալուն համար, կը յայտնէ թէ թէպէտ Աստուծոյ առջեւ մեծ մեղաւոր մըն է, սակայն Կիւրիոն չի կրնար իր վրայ եւ ոչ մի յանցանք հաստատել, բայց եթէ անոր ընթացքը պախարակելը եւ նեստորական եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան դէմ բողոքած ըլլալը: Սմբատը կը հրաւիրէ որ ամէն կողմ հարցնէ փնտռէ, եւ եթէ իր ըսածները սուտ գտնէ ինչ պատիժ որ կ՚ուզէ իրեն վրայ տնօրինէ (ԹՂԹ. 172): Այդ ըսուածներուն մէջէն նկատողութեան արժանի են Վահրամի անձին վրայ ըսուածը: Վահրամ ուղղափառ դաւանութեան հետեւող մը պիտի ըլլայ, վասնզի, կ՚ըսէ թէ հաւատ ձեր եւ նորա մի է: Միւս կողմէն Ատրներսէհ եւ Վահան Վրացի իշխաններուն հակառակորդ մը եղած ըլլալը կը յիշուի (ԹՂԹ. 174), եւ այս տեղեկութիւններէն կրնանք հետեւցնել թէ Վահրամը, Վրաց քաղկեդոնիկ ուղղութեան հակառակող եւ Վրաց բդեշխին դէմ ապստամբ, եւ հաւանաբար Վրացի նախարար մըն էր, որ կրնար Ցուրտաւացիին ներկայութեամբ իր կողմը զօրացնել, ուստի անոր լաւ դիրք մըն ալ կը խոստանար, զի ուղղափառ եկեղեցւոյ մեծ բաժին մը ունէր իրեն կողմ: Մովսէսի սոյն Վահրամին հետ միանալը կրնար խելքի մօտ ըլլալ, եւ Վահրամէ նամակ մը գրուած ըլլալն ալ` Կիւրիոնի զրպարտութեան հիմ կրնար ըլլալ, սակայն պարագան շատ հեռու էր Արեաց աշխարհին մեծ զիեան հասցնելէ, որ Սմբատը գրգռելու համար դարբնուած բացատրութիւն մըն էր:

424. ՍՄԲԱՏԻ ՄԵԿՆԻԼԸ

Բայց Սմբատ անանկ շուտով խաբուելու ու գրգռուելու մարդը չէր, նա գործերը իրենց պարագաներուն մէջ քննած ու կշռած, եւ անցելոյն վրայ լիուլի տեղեկութիւններ քաղած էր Վրթանէս քերթողէ, որ իրեն կ՚աշխատակցէր միաբանական գործը յաջողցնելու համար: Ուստի Սմբատ շատուշատ զարմացած էր, թէ ինչպէս Կիւրիոն կը համարձակէր զայսպիսի մահաբեր բաներ` սուտ գրել իրեն: Իսկ ըլլալիքին գալով, Սմբատ կը գրէ Ցուրտաւացիին, թէ ինքն Պարսից թագաւորէն փութով ի դուռն խնդրեալ է, եւ կը խոստանայ որ հոն հասնելուն հրաման հանել տայ, որ Մովսէս երթայ իր եկեղեցին նստի, եւ իր հաւատքով իր ժողովուրդը կառավարէ: Իսկ առայժմ կը յորդորէ որ հանդարտ մնայ, իր գործը Աստուծոյ եւ կաթողիկոսին յանձնէ: Արդէն ինքն կաթողիկոսին ալ խորհուրդ տուած է, որ երկրորդ նամակ մը գրէ Կիւրիոնի, անկէ ետքը երրորդ մըն ալ գրէ, եւ թէ Կիւրիոն եւ իրեններ ի նոյն խելագարութեան կան, եւ ի միաբանութենէ մերմէ հեռանան, զարիւն նոցա ի գլխոց իւրեանց խնդրեսցէ Տէր Աստուած, եւ մեք անպարտ լիցուք: Վերջապէս կը յանձնարարէ Մովսէսի որ իր մեկնելէն ետքը եղածները իրեն գրէ, թէ զիա՞րդ գործդ ի գլուխ երթայ (ԹՂԹ. 174): Այս գիրէն ետքը Սմբատ մեկնած է Հայաստանէն ի գալ գարնանայնոյ ժամանակի (ՍԵԲ. 103), որ կը յարմարի 608 Մարտին վերջերը: Սմբատ Հայաստան եկած ատեն եկեղեցւոյ բարոյական շինութենէն զատ նիւթական շինութեան հրաման մըն ալ ստացած էր, այն է վերաշինել Դըւնայ Ս. Գրիգոր եկեղեցին, որ այրած էր 571-ին Վարդան Մամիկոնեանի շարժումին ատեն 379): Սմբատ այս շինութեան ալ նախապատրաստութիւնները հոգաց, եւ կաթողիկոսի ընտրութենէն ետքը եկեղեցւոյ հիմնարկութիւնը կատարեց, համակ քարէ կառուցանելու դիտմամբ, եւ ժողովեաց ճարտարապետս քարի, եւ հրաման տուաւ գործը փութացնել: Եկեղեցւոյն դիրքը բերդին մօտ էր, եւ ամուր շինուածը կասկածներ յարոյց բերդակալին միտքը, մի գուցէ ապստամբութեան ամրոց դառնայ, ուստի մարզպան ու բերդակալ համաձայնութեամբ գիր ամբաստանութեան հասցուցին Խոսրովի, թէ կարի մերձ է առ բերդն, եւ վնասակար է ի թշնամին: Բայց դիմումը անօգուտ եղաւ, որովհետեւ այնչափ մեծ էր Խոսրովի միտքին մէջ Սմբատի յարգանքը, որ մարզպանին պատասխանելով հրամայեց, որ եկեղեցին իր տեղը շինուի, իսկ բերդը այնտեղէն քակուի, հարկաւ ուրիշ տեղ շինելու համար (ՍԵԲ. 103): Ինչչափ ալ Սմբատ հրամաններ կու տար շէնքը փութանակի հասուցանել ի կատարումն (ՍԵԲ. 103), սակայն վերահաս ձմեռը, եւ գարնան իր մեկնիլը, արգիլեցին շինութեան կատարումը, եւ իր մեկնելէն ետքը Աբրահամ ալ չկրցաւ գործին շատ մղում տալ, այնպէս որ հազիւ Կոմիտասի ժամանակ կատարի շինուած եկեղեցւոյն Սրբոյն Գրիգորի (ՍԵԲ. 123): Մենք առ այժմ զանց կ՚ընենք Սմբատի Պարսկաստանի մէջ գործունէութիւնը պատմել, նախապէս Վրաց խնդրոյն շարունակութիւնը բացատրելու համար:

425. ԵՐԿՐՈՐԴ ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ

Սմբատի ըրած կարգադրութեան համեմատ, երկրորդ նամակ մը կ՚ուղղէ Աբրահամ Կիւրիոնի, եւ նախապէս շնորհաւորութեանը շնորհակալութիւն յայտնելէն ետքը, կը խնդրէ որ երկու եկեղեցիներուն միաբանութիւնը, որ Հայոց Բաբգէն եւ Վրաց Գաբրիէլ կաթողիկոսներուն օրով եւ ժողովով հաստատուած է, անխախտ պահուի: Չգրեմք, կ՚ըսէ, ի վիճաբանութիւն, այլ փութամք ի սէր եւ ի հաւատ: Երուսաղէմի դաւանութեան համար կ՚ըսէ, թէ ինքը հինին վրայ կը խօսի, եւ ոչ Յոբնաղի ձեռքով փոփոխուածին վրայ: Ցուրտաւայ եպիսկոպոսին համար կը գրէ, թէ քաջ հասեալ եմք ի վերայ սորա բարեպաշտութեան եւ լաւութեան, եւ աւելի վկայ որ չէ պիտոյ: Այսուհանդերձ կ՚առաջարկէ, որ Վրաց կամ Հայոց սահմաններուն վրայ տեղ մը որոշուի, ուր տեսակցին եւ թիւրիմացութիւնները փարատուին: Տեսակցութեան համար յետ սրբոյ զատկի ժամադրութիւն կուտայ (ԹՂԹ. 177), որով կը յայտնուի թէ նամակը 608 Մարտին գրուած է, քանի որ Զատիկը Ապրիլ 7-ին պիտի տօնուէր: Որչափ Աբրահամի նամակը հեզութեամբ եւ սիրաշահութեամբ էր գրուած, այնչափ խիստ ու բուռն էր Կիւրիոնի պատասխանը, որով կը տեսնուի նորա վերջնական որոշումը Հայերէն բաժնուելու եւ Յոյներուն յարելու, ով գիտէ ինչ օգուտներ վայելելու նպատակով, որովհետեւ հնար չէ Կիւրիոնի նենգամիտ ընթացքին մէջ, անկեղծ համոզման նշաններ տեսնել, նոյնիսկ միամտութեամբ սխալած ալ ենթադրելով: Հայոց եւ Վրաց հնաւանդ միաբանութիւնը կ՚ընդունի, եւ Մովսէս կաթողիկոսի հրամանով Խուժիկ Նեստորականները մերժած լինելը կը յիշէ, բայց կը պնդէ թէ իրենք Երուսաղէմի դաւանութիւնը կը պահեն, որով Հոռոմք վարին, եւ վկայութեան կը կոչէ հինգ հայրապետները, Հռոմի, Աղեքսանդրիոյ, Անտիոքի, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի, զորս Պետրոսի, Մարկոսի, Ղուկասի, Յովհաննէսի եւ Յակոբի աթոռներ կ՚անուանէ, եւ կը յաւելու, այժմ զիա՞րդ թողուցումք զայն եւ ձեզ հաւատասցուք: Ցուրտաւի եպիսկոպոսին գալով, կը գրէ, թէ Շուշանիկի օրէն ի վեր, Վրացի եւ Հայ եպիսկոպոսներ անխտիր նստած են այն աթոռին վրայ, եւ են, Ափոց, Գառնիկ, Սահակ, Եղիշայ, Յակոբ, Յոհան, Ստեփանոս, Եսայի, Սամուէլ, Ստեփանոս եւ Յոհանէ, եւ եթէ Մովսէս չէր ուզեր Վրաց աթոռին համակերպիլ, պէտք էր որ անկէ ձեռնադրութիւն չընդունէր: Եւ քանի որ Վրաց աթոռին 35 եպիսկոպոսները համամիտ են, Մովսէս այդ ուստի՞ գտաւ միայն ուսեալ եւ ուղղափառ: Վերջապէս կը պարծենայ թէ իր օրով Վրաց եկեղեցին աւելի պայծառացաւ, եւ արքայից արքայի շնորհներն ալ վայելեց. ուստի այլեւս Հայոց աթոռին հետ յարաբերութեան պէտք չունի, ապա ինձ ընդ Հայս, ոչ այլ ինչ գործ չկայ, բայց եթէ Երուսաղէմ երթալու առթիւ Հայաստանէն անցնելու պարտաւորուի: Ուստի կը կնքէ, յաղագս այսորիկ այլ մի գրէք առ մեզ, տեսակցութիւնն ալ կը մերժէ ըսելով, վասն ժամանակիս անպարապ եմք, անմեղադիր լերուք (ԹՂԹ. 179): Կիւրիոնի պատասխանին կրնանք թուական դնել 608 Ապրիլը, որ է տեսակցութեան համար Աբրահամէ նշանակուած ժամադրութեան ատենը:

426. ԵՐՐՈՐԴ ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ

Կիւրիոնի այս պատասխանին վրայ, հնար էր բանակցութիւնները վերջացած եւ յարաբերութիւնները խզուած նկատել, սակայն Աբրահամ կը սիրէ օրինաց ամէն պահանջները կատարել, եւ երեք ազդարարութեանց կանոնական պայմանը լրացնել: Ուստի երրորդ նամակ մըն ալ կ՚ուղղէ Կիւրիոնի, հոգեւոր օծութեամբ եւ սիրայորդոր զգացմամբ գրուած: Արդէն Սմբատ ալ Մովսէսի տուած պատասխանին մէջ երրորդ ազդարարութիւնը լրացնելու կէտը յանձնարարած էր: Աբրահամ գրելիք նոր բան չունէր, պէտք եղած կէտերը առաջին նամակներով բացատրած էր: Ասոնցմէ մէկը հնաւանդ դաւանութեան փաստն էր, միւսն ալ Բաբգէնի ատեն Հայոց եւ Վրաց եւ Աղուանից համաձայնութեամբ տրուած որոշումն էր: Այս անգամ սոյն երկու կէտերը կ՚ընդարձակէ, վարդապետաբար առջեւ կը դնէ Քաղկեդոնէ առաջ ընդունուած միաւորութեան դաւանութիւնը, եւ Քաղկեդոնի մուծած երկուութեան անհամաձայնութիւնը, իսկ Բաբգէնի ժողովին մասին առջեւ կը բերէ Վրաց կաթողիկոսին եւ 23 եպիսկոպոսներուն անունները, իբր Կիւրիոնի յիշած 35 Վրացի եպիսկոպոսներուն համաձայնութեան պատասխան: Կ՚աւելցնէ որ Աղուանից եւ Սիւնեաց եպիսկոպոսներն ալ միաբան են, որպէս զի կերպով մը վերջին ատեններ Աղուանից եւ Սիւնեաց աթոռներուն պառակտելուն ալ փաստին առջեւն առած ըլլայ: Աբրահամ կը դիտէ, որ Բաբգէնի ժողովին պայման նամակն որ հայերէն գրով էր, Վարդան Մամիկոնեանի ապստամբութեան ատեն կորած ըլլալուն, Ուրհայի մէջ պահուած ի հոռոմ գրոյ նորէն թարգմանեցաւ, ուստի Վրացի եպիսկոպոսներուն անուններուն եւ վիճակներուն հնչումներըը այլաձեւ դարձած են, բայց իրենք կրնան ուղղել տեղւոյն վրայ, եւ նոյնիսկ վրացի բնագիրէն, զոր գտանիցէք գրով ձերով: Այդ անստգութեան պատճառով է որ մենք թէ Բաբգէնի ժողովին պատմութեան մէջ եւ թէ այստեղ, Վրացի եպիսկոպոսներուն ցանկը չտուինք: Երուսաղէմի դաւանութեան մասին ալ միշտ հինին հետեւողութիւնը կը պնդէ, եւ Ցուրտաւացիին ձեռնադրուելուն համար կ՚ըսէ, թէ այն ատեն Կիւրիոն ինքն ալ Հայոց դաւանութեան համամիտ էր, եւ ըստ այնմ ձեռնադրուած էր Մովսէս կաթողիկոսէն եւ հակառակ միտք չէր յայտնած, եւ կաթողիկոսն ալ երբեք գրած չէր Կիւրիոնին թէ դուք չէք ուղղափառ: Աբրահամ տեսակցութեան առաջարկը նորէն կը կրկնէ, թող ժամադրես ինձ եւ քեզ ի մի տեղի գալ (ԹՂԹ. 180-184): Այս նամակին մասին գիտելիքնիս է, թէ Ուխտանէս պատճէնին վերջը կ՚աւելցնէ, եւ զայլն յեպիսկոպոսէդ տեղեկանայք ի Պետրոսէ (ՈՒԽ. Բ. 87): Այս այն Պետրոս եպիսկոպոսն է, որուն Վրթանէս ալ գրեց 406) եւ որ Վրաց աթոռին մէջ հին դաւանութեան պաշտպանն էր, եւ այս դիտմամբ ալ Դուին եկած էր, ըստ Օրբէլեանի, Կիւրիոնի կողմէն` նախաթոռութիւնը ապահովելու համար, որուն չէր հաւանած Աբրահամ (ՕՐԲ. Ա. 147), բայց կ՚օգտուէր անոր ներկայութենէն, նամակը անոր ձեռքով ղրկելու, բերանացի ալ յանձնարարութիւններ խօսել տալու համար: Սակայն Կիւրիոն եւ իրեն համախոհ իշխաններ` Պետրոսը ընդունիլ եւ լսել չեն ուզած, եւ Ուխտանէս յառաջ կը բերէ աւանդութիւն մը, թէ Պետրոս, որուն Գայլ մականուն ալ տուած են, Կանգարք լեռներու վրայ սպաննուած է Վրացի իշխաններու թելադրութեամբ (ՈՒԽ. Բ. 91), կամ թէ նոյնիսկ Կիւրիոնի հրամանով, ինչպէս Օրբէլեան իմացած է (ՕՐԲ. Ա. 147): Դիտելու կէտ մըն ալ է, որ Աբրահամ կաթողիկոս Ցուրտաւացիին վրայ խօսելով կ՚ըսէ, թէ երդմամբ հանդերձ հաստատեաց որ Կիւրիոնի դաւանութիւն փոխած լինելը չէր գիտեր ձեռնադրուած ատենը: Մեր նկատելիքն է, թէ այդ բացատրութիւնը Ցուրտաւացին բերանացի խօսած է, եւ անոր վերջապէս Դուին եկած ըլլալը կը ցուցունէ, ինչ որ Ցուրտաւացիին նամակներուն վերջանալէն ալ կը հաստատուի: Իսկ Աբրահամի նամակին թուական կրնանք նշանակել 608 Մայիսի առաջին օրերը:

427. ԿԻՒՐԻՈՆԻ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԸ

Կիւրիոն անպատասխանի չէ թողած Աբրահամի այս երրորդ նամակն ալ: Ուխտանէս իբր երրորդ պատասխան առաջ բերած է երկրորդին վերջին կէսը (ՈՒԽ. Բ. 87), մինչ Գիրք Թղթոցին մէջ յատուկ եւ տարբեր երրորդ պատասխան մը ունինք (ԹՂԹ. 185-188): Որովհետեւ Աբրահամ իր երրորդ նամակով վարդապետական բացատրութեանց մտած էր, Կիւրիոն ալ փոխադարձաբար վարդապետական եւ պատմական բացատրութեանց կը մտնէ, եւ Քաղկեդոնի դաւանութիւնը կը պաշտպանէ, բայց մենք գրածին մանրամասնութեանցը մտնելու հարկ չենք տեսներ: Կիւրիոն կը յաւակնի ինքզինքին բարձր դիրք մըն ալ տալ, եւ կը գրէ, թէ զայս ամենայն վասն ձեր շինութեան գրեցաք ամենայն ճշմարտութեամբ, եւ թէ դուք ալ ճշմարտութեամբ հաւատացէք զարդար հաւատս զայս (ԹՂԹ. 188), ինչ որ իր կողմէ եւ իր դիրքին համար անարդարանալի յանդգնութիւն մըն էր: Այսպէս կը վերջանան եւ միանգամընդմիշտ կը խզուին Հայոց եւ Վրաց եկեղեցւոյն յարաբերութիւնները, 608 Յունիսին մէջ, երեք ամբողջ դարեր սերտ եւ ներքին յարաբերութիւններ պահելէ ետքը լուսաւորութեան օրէն ի վեր, զորս ամրապնդեցին նախ երանելին Սուրբն Գրիգոր, եւ ապա Մաշթոց Մեսրոպ (ԹՂԹ. 180): Կիւրիոն իրեն պաշտպաններն ու գովաբաններն ունի քաղկեդոնեան վարդապետութեան հետեւող յունադաւաններուն եւ հռոմէադաւաններուն մէջ, սակայն անհնար է ուրանալ անոր նենգամիտ ընթացքը, որ առաջ Նիկոպոլսոյ մէջ քաղկեդոնականութեամբ վարակուելէ ետքը, ինքզինքը կեղծելով Հայոց հայրապետանոցին ծառայեց, եւ ծերունազարդ Մովսէս կաթողիկոսի համակրութիւնը մշակեց, մինչեւ որ Վրաց աթոռը բարձրացաւ, եւ անկէ ետքը դուրս տուաւ իր թաքուն նպատակը: Ուստի անիրաւ չէ Ուխտանէս, երբոր Սկուրտացի եւ Սկարովտացի անուններով բառախաղ մը կը կազմէ (ՈՒԽ. Բ. 35): Կիւրիոնի իր հայրենական եկեղեցւոյն մատուցած ծառայութիւնն ալ, ոչ միայն կեղակարծ եղած է դարերու ընթացքին մէջ, այլ եւ վերջապէս աղիտաբեր եղած է, ջնջելով Վրաց ազգային եկեղեցին, եւ ընկղմելով զայն Յունական օրթոտոքս եկեղեցւոյն մէջ, յորմէհետէ Վրաստան յունադաւան տիրապետութեան ներքեւ ինկաւ, եւ Ռուսաց ու Վրաց դաւանակցութեան հետեւանօք` Վրաց եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնն ալ, ծէսն ալ, ծիսական լեզուն ալ առանձին գոյութեան հիմը կորսնցուցին, եւ ամենայն ինչ ռուսականի, ռուսազգիի եւ ռուսերէնի հետ միաւորուեցաւ, եւ ազգային եկեղեցւոյ սիրահար Վրացիներ զգածուած կը մնան: Բայց մենք պատմութիւնը շարունակենք, եւ մեր ազգային եկեղեցւոյն սեփական կեանքը բացատրենք:

428. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԽՆԴԻՐԸ

Նոյն միջոցին որ Վրաց հետ խնդիր կը յուզուէր, Աղուանից հետ ալ խնդիր կար, եւ Աբրահամ ոչ միայն իր Հայ Եկեղեցւոյն համար կ՚աշխատէր, այլ նմանաբարս առ աշխարհն Վրաց եւ Աղուանից ճիգեր կը թափէր (ԹՂԹ. 163): Աղուանից հետ յարաբերութեանց խզուելուն սկզբնաւորութիւնը պատմեցինք արդէն 418), եւ միաբանութեան համար առաջին փորձերն ալ յիշեցինք: Երկու կէտեր կային, մէկը դաւանութեան եւ միւսը նախաթոռութեան: Դաւանութեան խնդիրին նկատմամբ բոլոր Աղուանք համաձայն չէին, եւ կաթողիկոսութիւնը ամբողջաբար քաղկեդոնականութեան յարեալ չէր, այլ եպիսկոպոսներուն մէջէն ոմանք այն կողմը կը միտէին, եւ գլխաւորներն էին Մխիթար եւ Սիմոն, Ամարասայ եւ Մեծկողմանց եպիսկոպոսները, որոնք իրենց տեսութիւնները գրով ալ ներկայած էին Աբրահամ կաթողիկոսին: Խնդիրը լուսաբանելու եւ համաձայնութիւն գոյացնելու համար, Աբրահամ մտածեց ընդարձակ պատասխան մը ուղղել յիշեալ երկուքին, եւ եթէ կան այլ եպիսկոպոսունք նոցին համախոհակք: Մանրամասնաբար եւ տեղնիտեղօք պարզեց եփեսոսեան եւ քաղկեդոնական դաւանութեանց էութիւնը կազմող` միաւորութեան եւ երկուութեան վարդապետութիւնները: Աբրահամի հետ գրութեան մասնակցած են, Թէոդորոս Մարդպետական, Դաւիթ Սիւնեաց, Ստեփանոս Բագրեւանդայ, Մովսէս Խորխոռունեաց, Քրիստափոր Ապահունեաց եւ Մատթէոս Ամատունեաց եւպիսկոպոսները, որ հայրապետանոցին մէջ կաթողիկոսին գործակից եւ խորհրդակից գտնուած պիտի ըլլան: Ասոնցմէ Դաւիթ արդէն յիշուած Քրիստափորի յաջորդն է 417), Թէոդորոս, Ստեփանոս, Մովսէս եւ Քրիստափոր, վերջէն ձեռնարկ տուողներն են 414), իսկ Մատթէոս, նախանձայոյզ Յովհաննէսի 410) յաջորդը պէտք է ըլլայ: Գրութեան պատրաստութիւնը յանձնուեցաւ Վրթանէս քերթողին (ԹՂԹ. 196) իբր կարողագոյն գրողի, որ վարդապետ Հայոց (ԹՂԹ. 149) ճանչցուած էր իրաւամբ: Պատասխանի թղթոյն Աղուանից մակագրուած աշխատութիւնը ընդարձակ թուղթ մըն է, որ յառաջ բերուած է Գիրք Թղթոցին մէջ (ԹՂԹ. 196-211), եւ տակաւին վերջաւորութիւնն ալ թերի է, ձեռագիրէն երկու թերթ ինկած ըլլալուն պատճառով (ԹՂԹ. 211): Աւելորդ կը սեպենք գրուածին ամփոփումը քաղել, քանի որ ամբողջապէս աստուածաբանական է, եւ Աւետարաններուն եւ Նիկիական հանգանակին առաջնորդութեամբ կը վերլուծէ փրկագործութեան խորհուրդը եւ Քրիստոսի անձնաւորութիւնը: Վրթանէսի գրիչէն ելած հայրապետական գրուածին անմիջական ազդեցութիւնը ինչ եղաւ, ճշդել չենք կրնար, միայն թէ քիչ ետքը Աղուանից աթոռին հետ լաւ յարաբերութիւնները նորոգուեցան: Այս ելքին մեծապէս նպաստած պիտի ըլլայ Վրաց աթոռին հետ տեղի ունեցած խզումը, վասնզի ասով երկու փոքր կաթողիկոսութեանց նախաթոռութեան խնդիրը վերջացած կ՚ըլլար` Վրաց դուրս ելնելովը, եւ առաջին տեղը Աղուանից կը մնար, առանց դժուարութեան:

429. ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՎՃՌԱԳԻՐԸ

Վրաց խնդիրին դառնալով ձեռուընիս ունինք Աբրահամի վճռական կոնդակը, կամ Շրջագայական թուղթը, որով Վրաց աթոռը եւ կաթողիկոսը եւ ժողովուրդը հոգեւոր հաղորդակցութենէ կը զրկէ, ինչ ոճով որ այն ատեններ այսպիսի որոշումները կը տրուէին: Գիրք Թղթոցը (ԹՂԹ. 189-195) եւ Ուխտանէս (ՈՒԽ. 132-136), որ այդ պաշտօնագիրին պատճէնը պահած են, բնաւ չեն յիշեր թէ Աբրահամ այս առթիւ յատուկ ժողով մը գումարած ըլլայ, այսպիսի կարեւոր որոշում մը տալէն առաջ: Նոյնիսկ պատճէնին սկզբնաւորութեան մէջ իրմէ զատ եպիսկոպոսի մը անուն չի տար, թէպէտեւ ուրիշ անգամներ, մինչեւ իսկ մասնաւոր նամակներու գլուխը խորհրդակից եւ աթոռակից եպիսկոպոսներու անունները յիշուած կը գտնուին, իսկ այս շրջագայականին գլուխը, պարզապէս կ՚ըսէ, Ես Աբրահամ անարժան, որ կոչեաց յաթոռ երջանիկն Գրիգորի յաջորդեցելոյ մեծի առաքելոյն Թադէոսի (ԹՂԹ. 189): Գրութեան ընթացքին մէջ ալ չկայ ակնարկ մը, որ յատուկ ժողովի մը գումարման նշանակութիւնն ունենայ: Սակայն Յովհաննէս Պատմաբան կաթողիկոս, որ հայրապետական գործերու լաւ տեղեկութիւն պիտի ունենար, կ՚ըսէ, թէ այնուհետեւ բազում եպիսկոպոսաց ժողով արարեալ մեծի հայրապետին Աբրահամու, ի Դուին քաղաքի, նզովեցին զԿիւրիոն, զպառակտիչն եկեղեցւոյ Քրիստոսի, եւ զամենայն հնազանդեալս եւ զհամախոհս (ՅՈՎ. 93), որով շրջագայական թուղթին պարունակութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ, եւ զայն ժողովով գրուած կը ցուցնէ: Օրբէլեան թէպէտ Կիւրիոնի վրայ խօսած ատեն, պարզապէս բանադրեալ եղեւ յԱբրահամէ կ՚ըսէ (ՕՐԲ. Ա. 147), սակայն միեւնոյն միջոցին մեծ աշխարհաժողով մըն ալ գումարուած ըլլալը կը յիշէ (ՕՐԲ. Ա. 145), որ չէր կրնար Վրաց խնդիրով ալ չզբաղիլ: Այդ յիշատակները իրարու յարմարելու համար կը կարծենք, թէ երկու գործողութիւնները յաջորդաբար կատարուեցան: Նախ Աբրահամ իր իշխանութեամբ շրջագայականը հրատարակեց, հիմնուելով իր ընտրութեան օրէն Կիւրիոնի խնդիրին մասին կազմուած համամիտ որոշմանց վրայ: Շրջագայականը հեղինակաւոր գրուած մըն է, ուղղուած ամենեցուն կացելոց ընդ այսմ հովուական իշխանութեամբ (ԹՂԹ. 189), ուր նախ կը յայտնէ հաւատոյ ուղղութեան պաշտպանելու պարտաւորութիւնը, կը յիշէ երեք ժողովները, յառաջ կը բերէ ուղղափառ հանգանակը, կը բացատրէ Քաղկեդոնի ժողովին անտեղի որոշումը, որ մինչեւ Վրաց եւ Աղուանից կողմերը տարածուեցաւ, կը պատմէ Կիւրիոնի ընթացքը, եւ վերջապէս կը վճռէ, թէ զյառաջագոյն սահմանն վարդապետացն մերոց, զոր ի վերայ Հոռոմին հատին, մեք զնոյն ի վերայ Վրաց հրամայեցաք, այն է ամէն հոգեւոր հաղորդակցութենէ եւ յարաբերութենէ զգուշանալ: Վրաց համար այսպէս ընդարձակօրէն եւ վճռաբար հրամայելէ ետքը, անցողաբար կը յաւելու. նոյն հրաման եւ վասն Աղուանից անշարժ կացցէ, զի պատկառեալ դարձցին ի թիւր ճանապարհէ (ԹՂԹ. 194): Պարագաները զննելով կը հետեւցնենք, թէ այդ հրամանագիրը եւ վերեւ յիշուած հաւատոյ գիրը 428), Աղուանից նկատմամբ օգտակար հետեւանք ունեցան, որոնք չուզեցին Վրաց ընթացքին հետեւիլ, եւ դիւրաւ միաբանեցան Հայոց հետ, մանաւանդ որ Վրաց բաժանման հետեւանօք` ապահովուած տեսան իրենց նախաթոռութեան պահանջը, եւ ասոր վրայ հաւաքուեցաւ Օրբէլեանի յիշած մեծ աշխարհաժողով գումարումը. ուր նախ հաստատուեցաւ Վրաց մասին տրուած որոշումը, ինչպէս Օրբէլեան ալ կ՚ակնարկէ (ՕՐԲ. Ա. 145), եւ կը ճշմարտուի Պատմաբանին ալ գրածը, եւ յետոյ քննուեցաւ եւ վճռուեցաւ Ինն դասուց կամ Ինն կարգաց խնդիրը, որ բաւական կարեւորութիւն ստացած էր: Այս ամէն գործողութիւնները 608 տարւոյ ընթացքին մէջ կատարուած են:

430. ԻՆՆ ԴԱՍՈՒՑ ԽՆԴԻՐԸ

Ինն կարգաց դրութիւնը Յոյներուն կողմէ յուզուած խնդիր մըն էր, Հայոց հայրապետական աթոռին պատիւը եւ նշանակութիւնը նսեմացնելու համար: Քահանայական աստիճանները չորս էին Արեւելեան եկեղեցիներու մէջ, այսինքն քահանայ, սարկաւագ, դպիր եւ ընթերցող: Ասոնցմէ վար կար սաղմոսերգուն, իբր նախապատրաստական կացութիւն մը, բայց այն ալ համրելով, աստիճանները հինգի կը վերածուէին: Քահանայութենէն վեր կու գար եպիսկոպոսութիւնը, որ տարբեր աստիճաններ ունէր իրաւասութեան ընդարձակութեան համեմատ, եւ որք Յոյներէն չորսի վերածուած էին, այսինքն է եպիսկոպոս, մետրապոլիտ, արքեպիսկոպոս եւ պատրիարք: Այս չորս աստիճանները Յոյներ էապէս կը տարբերէին, եւ կը պնդէին թէ եկեղեցական դասակարգութեան լրումը ինը աստիճաններ պիտի ունենայ, սաղմոսերգուէին մինչեւ պատրիարք: Հայերէն ալ կը պահանջէին որ իրենց եկեղեցւոյն մէջ ինն աստիճաններու համեմատ աթոռներ եւ պաշտօններ ցուցնեն: Բայց այս պնդումը աւելի եպիսկոպոսական դասակարգին համար էր, վասնզի Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր վիճակաւորներ պարզապէս եպիսկոպոս անունը կը կրէին: Կ՚ըսէին թէ գլխաւոր աթոռը միայն կաթողիկոս կը կոչուէր, եւ ասկէ կը հետեւցնէին, թէ Հայերը եպիսկոպոսէ վեր միայն մէկ աստիճան ունին, որով իրենց կաթողիկոս ըսածը մետրապոլիտ եղած կ՚ըլլար, կամ առ առաւելն արքեպիսկոպոս, եւ ոչ երբէք պատրիարք, եւ Հայոց աթոռը պատրիարքութիւն չեղած ատեն, պատրիարքութեան մը ենթարկելի կ՚ըլլար: Ահա թէ ուր կը դիտէր Ինն դասուց անունի ներքեւ յուզուած խնդիրը: Օրբէլեան բառացի ալ կը յիշէ Յոյներուն այդ առարկութիւնը. Ո՞ր է ձեր աթոռն եւ պատրիարքն, ընդ որով առեալ է արքեպիսկոպոսն եւ այլն. կամ ցուցէք զձերն, եւ կամ թէ ոչ ունիք, հնազանդեցէք միումն ի չորից աթոռոցս (ՕՐԲ. Ա. 144), այսինքն է Անտիոքի, Աղեքսանդրիոյ, Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ չորս աթոռներէն մէկուն (ԼԱՄ. 82): Յունաց առարկութիւնը պարզապէս իմաստակութիւն էր, որովհետեւ դասակարգութեան ինը թիւը կամայական էր, եւ հրեշտակաց ինը դասակարգութեանց օրինակը` օրինական փաստ չէր կրնար ըլլալ: Սաղմոսերգուք իսկապէս աստիճան չէին, եպիսկոպոսներու աստիճանաւորումն ալ պատահական էր, էական խնդիրը ինքնագլուխ եկեղեցի ըլլալն էր, եւ իւրաքանչիւր եկեղեցի կրնար տարբեր աստիճաններ կազմել: Այսպէս Լատիններ քահանայութիւնը եօթը աստիճանի կը բաժնէին, կամ սաղմոսերգուներով ութը աստիճանի, եպիսկոպոսներն ալ գումարելով աստիճանները տասերկուքի կը հասնէին: Աստիճանաւորներու տրուած կոչումն ալ բան մը չէր հաստատեր, ինչպէս Հռոմայ հայրապետը` եպիսկոպո՞ս անունը կը գործածէր, եւ Բիւզանդիոյ հայրապետը` արքեպիսկոպոս կը կոչուէր, բայց պատրիարքութիւննին չէին կորսնցներ: Հայեր այն ատեն այդ պատասխանները չտուին, այլ նմանելու տենդէ բռնուեցան, եւ ինքզինքնին այսու բանիւ յոյժ պարտեալ գտան, չկրնալով անմիջապէս ինը աստիճանները ցուցնել: Օրբէլեան կը կարծէ թէ առաջուընէ այդ աստիճանները Հայոց մէջ եղեր են, եւ վերջէն մնացեր են նուազեալ, անփոյթ լեալ յաթոռակալացն: Այսպէս թէ այնպէս, Յոյներուն առարկութիւնը ցրելու համար գումարուեցաւ մեծ աշխարհաժողով մը, գլխաւորապէս արքեպիսկոպոսի եւ մետրապոլիտի աթոռներ կազմելու համար, որպէսզի կաթողիկոսութիւնը իններորդի բարձրանայ եւ պատրիարքութեան հաւասարի (ՕՐԲ. Ա. 145), իբր թէ ինքնագլուխ եկեղեցւոյ մը պետ ըլլալէ աւելի պայման մը պէտք ըլլար` պատրիարք ճանչցուելու համար: Մանաւանդ որ Յովհաննէս կաթողիկոսի կարծիքով, արդէն կանուխէն եօթն միանգամայն բովանդակեալ գտանէր թիւ պատրիարքութեանց (ՅՈՎ. 63), եւ եօթնէն մէկը Հայոցն էր:

431. ԻՆՆ ԴԱՍՈՒՑ ԿԱՐԳԸ

Այդ ժողովին մէջն է որ աթոռներու աստիճանին վրայ որոշումներ կը տրուին. Հայոց աթոռը կը հռչակուի պատրիարք, Աղուանից աթոռը` արքեպիսկոպոս, եւ Սիւնեաց աթոռը` մետրապոլիտ: Հայոց Աթոռին վրայ կը գտնուէր Աբրահամ, Սիւնեաց աթոռին վրայ` Դաւիթ, իսկ Աղուանից աթոռին վրայ եղողը յիշուած չէ (ՕՐԲ. Ա. 146): Ուխտանէս զրոյց մը կը յիշէ, թէ Աղուանից աթոռին արքեպիսկոպոս հռչակուելուն վրայ, Կիւրիոն ցաւած ըլլայ իր աթոռին մետրապոլտութեան իջնելուն համար (ՈՒԽ. Բ. 120): Զրոյցը արդէն անհիմն է, զի աթոռներու որոշումը Կիւրիոնի քաղկեդոնական խնդիրներէն ետքն է, այլ եթէ այնպէս ալ ըլլար, ի՞նչ կ՚արգիլէր որ եկեղեցւոյ մը մէջ մէկէ աւելի երկրորդական աթոռներ գտնուէին, եւ Վիրք ու Աղուանք հաւասար աստիճանէ աթոռ ունենային: Չէ՞ որ Յովհաննէս կաթողիկոս, Վրացն ալ Աղուանիցն ալ հաւասարապէս արքեպիսկոպոսներ նկատած է Ներսէս Մեծի ժամանակէն(ՅՈՎ. 63): Ուստի պէտք է ըսել թէ զրոյցը ծագում առած է երկու աթոռներու մէջ յուզուած նախաթոռութեան խնդիրէն, զոր արդէն յիշեցինք 418): Նոյնպէս մետրապոլտական աթոռներու մասին ալ, ոչինչ կը ստիպէր որ մի միայն Սիւնեաց աթոռը այդ աստիճանին մէջ դասուէր: Տասնուհինգ նահանգներն ալ իրենց մետրապոլիտները կրնային ունենալ, գուցէ եւ ունեցան, որովհետեւ ուրիշ կերպով դիւրին չէր լիներ մեկնել ու ճշդել նահանգական անունով, Կորճէից կամ Տայոց կամ Աղձնեաց կոչուած եպիսկոպոսներուն վիճակները: Օրբէլեան կը յիշէ թէ Մարդպետական եպիսկոպոսն ալ, որ քանիցս յիշուած Թէոդորոսն էր, այդ աստիճանին տէր հռչակուեցաւ, իբր Վասպուրականի մետրապոլիտ, եւ թէ վերջէն առին ի նմանէ զայն (ՕՐԲ. Ա. 147): Կրնայ ենթադրուիլ որ Օրբէլեան իր աթոռին նպաստաւոր լեզու մը գործածած ըլլայ, վասնզի միշտ Մարդպետական եպիսկոպոսները, ցանկերու գլուխը կը տեսնենք, ինչպէս վերջին դարերու մէջ ալ Արտազու եպիսկոպոսները: Նոյնպէս Օրբէլեան` Սիւնեաց աթոռին վրայ խօսելով, մինչեւ իսկ անոր երբեմն եօթներորդ եղածն ալ կը մերժէ (ՕՐԲ. Ա. 181), թէպէտ այդ բանը հնագոյն ցուցակով հաստատուած է (ՈՒԽ. Ա. 100): Յովհաննէս Պատմաբանն ալ, որ ինն դասակագրութեամբ պատուեալ նուիրապետութեան գաղափարը կը փայփայէ, իբրեւ Հայոց մետրապոլտութիւններ կը նշանակէ Սեբաստիոյ եւ Մելիտինոյ եւ Նփրկերտի աթոռները (ՅՈՎ. 63), որոնք Ներսէս Մեծի ատեն Հայաստան չէին, եւ միայն Մօրիկի ատեն ընդարձակ Հայաստանի մաս համարուեցան 392): Խնդիրին ներքին էութեան գալով, մենք Հայ եկեղեցւոյ հայրապետական աթոռին իսկապէս պատրիարք լինելը կը հիմնենք ծագմամբ եւ հաստատութեամբ` առաքելական, եւ քաղաքական տեսութեամբ` Հռոմէական կայսրութենէ դուրս եւ անկախ ըլլալուն վրայ: Այլ թէ իր նուիրապետութիւնը ինն կամ աւելի կամ պակաս աստիճաններով կը կազմուի, այդ պարզապէս պատահական եւ կամայական է: Այսուհանդերձ գիտենք որ իրեն յարակից երկրորդական աթոռներ ունեցաւ, Աղուանիցն ու Վրացը, եւ թէ գաւառական եպիսկոպոսներէ բարձր, նահանգական եպիսկոպոսներ ալ ունեցաւ, թէպէտեւ դժուար ըլլայ ճշդել, թէ ինչ էր այս նահանգական եպիսկոպոսներու վայելած պատուոյ կամ իրաւասութեան առաւելութիւնները, Օրբէլեան իբր Սիւնեաց աթոռին մետրապոլտական առաւելութիւններ կը յիշէ, առջեւէն խաչանիշ նշան կրել, կաթողիկոսին բարձակից եւ սեղանակից բազմել, աստուածապատիւ եւ հոգեւոր տէր պատուանուն վայելել, եւ իր եկեղեցիներու մէջ, միայն իր անունը յիշել տալ (ՕՐԲ. Ա. 148): Անուն յիշելու խնդիրին մէջ դիտելի է, որ հին սովորութեամբ իւրաքանչիւր եկեղեցական այն իր անմիջական գլուխը կը յիշէր, քահանայք եպիսկոպոսը, եպիսկոպոսներ մետրապոլիտը կամ արքեպիսկոպոսը, եւ ասոնք պատրիարքը, եւ ոչ թէ տարբեր աստիճանները ի միասին յիշել, ինչպէս այժմ սովորութիւն է ընել: Այդ կէտին վերաբերեալ տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար յիշենք եւս, թէ Հայեր մետրապոլտութիւնը նորոգած ատեննին, եպիսկոպոս ունել ընդ ձեռամբ եւ ձեռնադրել իրաւունքները չտուին մետրապոլիտներուն, միանգամայն զայլ աշխարհս թողին յառաջին սովորութեանն (ՕՐԲ. Ա. 148): Ուսկից կը հետեւի, թէ Հայերն ալ ունեցան հասարակ եպիսկոպոսութենէ աւելի բարձր աստիճան մը, թէպէտ ոչ ըստ ամենայնի յունական դրութեամբ: Օրբէլեան որ Հայ մետրապոլիտներու կը զլանայ եպիսկոպոս ձեռնադրելու արտօնութիւնը, ուրիշ տեղ հակառակը կը գրէ, թէ մետրապոլիտն ձեռնադրէ զեպիսկոպոսն (ՕՐԲ. Ա. 181), անշուշտ Յունաց սովորութիւնը կրկնելով:

432. ԻՆՆ ԴԱՍՈՒՑ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

Իբրեւ լոկ տեղեկութիւն, եւ ոչ իբր կանոնական դրութիւն, կ՚ուզենք յառաջ բերել այստեղ, Օրբէլեանի եւ Լամբրոնացիի հետեւողութեամբ ինն դասուց նկատմամբ տրուած զգեստի եւ պաշտօնի բացատրութիւնները: Ինն կարգերը Օրբէլեանէ կը կոչուին 1. Հայրապետ կամ պատրիարք, 2. Արքեպիսկոպոս կամ եպիսկոպոսապետ կամ կաթողիկոս, 3. Մետրապոլիտ, 4. Եպիսկոպոս, 5. Երէց կամ քահանայ, 6. Սարկաւագ, 7. Դպիր կամ կէս-սարկաւագ, 8. Անագանոս կամ գրակարդաց, 9. Փսաղտոս կամ սաղմոսերգու (ՕՐԲ. Ա. 150-154): Իսկ Ուխտանէսի տուած անուններն են. 1. Պատրիարք, 2. Արքեպիսկոպոս, 3. Մետրապոլիտ, 4. Եպիսկոպոս, 5. Քահանայ, 6. Սարկաւագ, 7. Կիսասարկաւագ, 8. Կղերիկոս, 9. Գրակարդաց (ՈՒԽ. Բ. 119), ուր վերջին երկուքը սխալմամբ յետ եւ առաջ գրուած են: Լամբրոնացին ալ կը համրէ ինը դասերը հետեւեալ կերպով 1. Հայրապետ կամ պատրիարք, 2. Արքեպիսկոպոս կամ եպիսկոպոսապետ կամ առաջին եպիսկոպոս կամ կաթողիկոս, 3. Մետրապոլիտ կամ մայրաքաղաքացի, 4. Եպիսկոպոս, 5. Քահանայ կամ երէց կամ երեփս կամ պապաս, 6. Դիակոն կամ սարկաւագ 7. Իպիոդիակոն կամ կէս սարկաւագի, 8. Անագանոս կամ ընթերցող, 9. Փսալտ կամ երգեցող (ԼԱՄ. 82-85): Իսկ իւրաքանչիւր աստիճանի զգեստները եւ պաշտօնները, կը քաղենք հետեւեալ կերպով վարէն վեր յառաջելով, 1. Սաղմոսերգուի զգեստը` պատմուճան գօտեպինդ ըստ Օրբէլեանի, կամ պատմուճան եւ աղաբողոն ըստ Լամբրոնացւոյ, իսկ պաշտօնը` կանգնիլ ու երգել սաղմոս, ալէլու, մեղեդի եւ այլ ինչ: 2. Ընթերցողի զգեստը նոյն, իսկ պաշտօնը` մարգարէական եւ վարդապետական գիրքեր եւ բնագիրներ կարդալ: 3. Դպիրին զգեստը` պատմուճան անգօտի եւ ուրար ահեակ բազուկին արմուկէն վեր, իսկ պաշտօն` առաքելականներ կարդալ, մոմեղէն եւ խաչվար կրել, եկեղեցին զարդարել եւ դուռերուն հսկել: 4. Սարկաւագի զգեստ` պատմուճան անգօտի եւ ուրար ահեակ ուսը, իսկ պաշտօնը` աւետարան կարդալ, խունկ ածել, խորհուրդին սպասաւորել, տեսակները սեղան վերաբերել ու բաշխելու համար սեղանէն բերել, եւ պաշտամանց կարգադրութիւնը անսայթաքելի ցուցնել: Սարկաւագուհիներն ունին զգեստ հաւատաւորաց, ճակատը խաչ, փոքրիկ ուրար աջակողմը մէջքէն վար, իսկ պաշտօննին` աւետարան կարդալ առանձինն, կարգադրութիւններ ցուցնել, բայց խորհուրդի սպասաւորութեան չհպիլ: 5. Քահանայի զգեստը` ուրար երկու ուսէն եւ շուրջառ կամ նափորտ, իսկ պաշտօնը` պատարագ մատուցանել, հաղորդ բաշխել, մկրտել, խոստովանցնել, ժամերգութեանց աղօթքներ ըսել, խաղաղութիւն տալ, մեղաց թողութիւն տալ, եւ ժողովուրդին առաջնորդել: Օրբէլեանի յիշածներէն ինչ ինչ կէտեր ուրիշ կողմէ չեն ստուգուիր, ինչպէս են` ընթերցող եւ սաղմոսերգու եւ սարկաւագուհի առնել, իսկ միւռոնով օծում չկատարել: 6. Եպիսկոպոսի զգեստը` նափորտ անխաչ եւ վրայէն եմիփորոն կրկին, իսկ պաշտօնը` իշխել ի վերայ գաւառաց, ձեռնադրութիւններ ընել, եկեղեցի` սեղան` աւազան եւ խաչ օծել: 7. Մետրապոլիտի զգեստը` նափորտ անխաչ ըստ Լամբրոնացւոյ, կամ թէ իր եպիսկոպոսներուն թիւով կտաւեայ խաչերով` ըստ Օրբէլեանի, եմիփորոն երեք կրկին, իսկ պաշտօնը` պատրիարքի հրամանով երեքը միատեղ եպիսկոպոս ձեռնադրել, եւ երեխայից եւ հիւանդաց ձէթ օրհնել ըստ Օրբէլեանի: 8. Արքեպիսկոպոսի զգեստը` նափորտ բազմախաչ եւ եմիփորոն չորեքկին, իսկ պաշտօնը միւռոն օրհնել եւ մետրապոլիտ ձեռնադրել, եւ երեքը մէկտեղ պատրիարք ձեռնադրել: Այստեղ Լամբրոնացին կաթողիկոս կոչման բացատրութիւնն ալ կու տայ, թէ ընդ ամենայն տեղիս ուր ազգն իւր են, ունի իշխանութիւն ձեռնադրել նոցա եպիսկոպոս եւ տալ զմիւռոնն, վասն այնորիկ անուանի եւ կաթողիկոս, որ կը թարգմանուի ընդհանրական: Ըստ այսմ կաթողիկոսութիւնը աստիճան անուն չ՚ըլլար, այլ լոկ աստիճանին տեղականէն ազգայնական իրաւասութեան վերածուիլը կը ցուցնէ: 9. Պատրիարքի զգեստը` նափորտ բազմախաչ, եւ եմիփորոն հինգ կրկին, հինգ կրկին խաչիւք, իսկ պաշտօնը` արքեպիսկոպոս ձեռնադրել, եւ աշխարհագումար ժողովի հրաման տալ: Այս տեղեկութիւնները լոկ իբր հետաքրքրական ինչ քաղեցինք, բայց միանգամայն կը տեսնուի, թէ ինն դասուց խնդիրին մէջ ինչչափ մերոնք աշխատած են Յունաց նմանողութեամբ ինքզինքնին արդարացնել: Ապա թէ ոչ եպիսկոպոսական աստիճաններուն զգեստները եւ պաշտօնները Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական եւ պատմական յիշատակներուն չեն համապատասխաներ, իսկ լոկ քահանայական աստիճաններն ալ արեւելեան չորս կամ հինգ թիւէն հեռանալով` արեւմտեան եօթը կամ ութնին վերածուած են միջին դարերու մէջ:

433. ԳՐԻԳՈՐ ՔԵՐԹՈՂ

Ժամանակին յուզուած խնդիրները լրացնելու համար պիտի յիշենք Գրիգոր Քերթողի մէկ գրուածը, որ Գիրք Թղթոցին մէջ անցած է (ԹՂԹ. 153-160): Հեղինակին վրայ շատ տեղեկութիւն չունինք: Քերթող կոչումը կը ցուցնէ թէ Սիւնեաց դպրոցին գլխաւորներէն էր, եւ պէտք է նոյն վարդապետն ըլլայ, որ Վրթանէս Քերթողի հետ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին գտնուեցաւ Մովսէս կաթողիկոսի հրամանով (ՍԱՄ. 76): Գրուածը ուղղուած է Աբրահամ կաթողիկոսին եւ զննելով կը տեսնուի թէ բաւական կարեւոր խնդիր մը յուզուած է այն ատեն, թէ օրէ՞ն է արդեօք գործածել այն պատարագի սեղանները, որոնք հերձուածողներէ գործածուած ըլլալով` պղծուած կը համարուին, թէ ոչ հարկ է անոնք քակել, նորեր կանգնել, եւ նորէն օծել: Այս միջոցին Նեստորականաց եւ Քաղկեդոնականաց հետեւողները բաւական տարածուած էին, եւ Վրաց խզումն ալ նոր ընդարձակութիւն տուած էր անոնց, որով սեղաններու խնդիրէն յառաջ եկած դժուարութիւնները շատցած էին: Այնպէս կը տեսնուի որ Աբրահամ թոյլատու ընթացք մը բռնած էր, պաշտամանց դիւրութիւններ ընծայելու համար, մինչ Գրիգոր այդ ընթացքին համամիտ չէ, եւ հաւանաբար իր գաղափարակիցներէ ալ յորդորուած, դիտողագիր մը կ՚ուղղէ Աբրահամին, զի Դուք, կ՚ըսէ, առաւել ողորմութիւն արարէք: Գրիգորի պատճառաբանութիւնը կազմուած է հին եւ նոր կտակարաններէ քաղուած օրինակներով եւ վկայութիւններով, որոնց գլխաւորն է, թէ քանի որ կաթողիկոսին ալ կարծիքով եւ հրամանով, օրէն չէ հաղորդել այն պատարագներուն, որոնք հերձուածողներէ կը մատուցուին, սեղաններն ալ ընդունիլ պէտք չէ: Քրիստոսի վարդապետութեամբ սեղանն է որ սրբէ զպատարագն, ուստի հնար չէ սեղանը ընդունիլ, քանի որ պատարագը կը մերժուի: Դուք, կ՚ըսէ, եւ զդուզնաքեայ անդ երկրպագութիւն` դատապարտութիւն ի հոգեւորին ուսուցանէք, այսինքն է, Աբրահամ չէր ներեր որ աղօթքի եւ երկրպագութեան երթըցուի այն եկեղեցիները, որոնք կը գտնուէին առ մեր հերեսիովտայքս, եւ կամ յարեւելս ի Պարսս, ի Տիզբոն եւ յայլ տեղիս (ԹՂԹ. 156): Ասկէ կը հետեւցնէ, թէ սեղանները ընդունիլ հակասութիւն կ՚ըլլայ: Միեւնոյն ատեն գործը դիւրացնելու համար, Գրիգոր խնդիրին միջասահման լուծում մը կու տայ, ուղղափառներէ կանգնուած եւ հերձուածողներէ պղծուածները` նոյնիսկ հերձուածողներէ կանգնուածներէն զատելով, եւ կ՚առաջարկէ. Զհայցումնս մեր կատարեցէք, փոխել զսեղանս նորս` ի նորոյ հաստատեալս, որովհետեւ առաջին շնորհքն ալ յանօրինացն եւ յանհաճելեացն բացակայի: Բայց կ՚ընդունի որ պահուին առաջին անգամ ուղղափառներէ կանգնուածները, վասնզի ինչպէս գայթակղեալները զղջմամբ ուղղափառութեան կը վերադառնան, եւ զբարեպաշտութիւն խոստովանելով` յառաջին ի մտացն փոխեցան, այսպէս գոյ հնար փոխարկել յառաջին սրբութեանն պատուականութիւն` եւ զսեղանս (ԹՂԹ. 155): Սեղաններու առթիւ խաչերու վրայ ալ առանձինն կը խօսի (ԹՂԹ. 158), եւ ամենայն ակնածութեամբ կը կնքէ. Առ բարի հովիւդ ասասցուք (ԹՂԹ. 159), թէ սեղան ուրեմն փոխել իրաւունք են (ԹՂԹ. 160), եւ կը խնդրէ որ թէ այլ ինչ յայտնեցաւ ձեզ ի հին եւ ի նոր կտակարանաց, ցուցէք եւ մեզ (ԹՂԹ. 155), բայց թէ իշխանութեամբ ինչ կամիք, եւ ոչ ըստ գրոց, մեր վերջին բան վասն այդր` դոյնդ է (ԹՂԹ. 160): Որովհետեւ խնդիրը Գրիգոր Քերթողի նամակէն կը քաղենք, եւ ուրիշ պատմական յիշատակ չունինք, անոր վերջաւորութեան մասին բան մը չենք կրնար աւելցնել, բայց եթէ, որ նոյնիսկ պատմական յիշատակին բացակայութիւնը կը ցուցնէ, թէ դիւրաւ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ հակառակութիւն տեղի չէ ունեցած:

434. ՍՄԲԱՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼԸ

Յիշեցինք արդէն թէ Սմբատ Բագրատունի, Վրկանի մարզպան եւ Հայաստանի արտասովոր արքունի գործակալ, պարտաւորուեցաւ 608 տարւոյ գարնան սկիզբը Պարսկաստան դառնալ Խոսրովի ստիպողական հրամանով 424): Կոչուելուն շարժառիթն էր Քուշաններու նորէն Պարսից վրայ քալելը, որոնց դէմ ղրկուեցաւ Սմբատ աստիճանի բարձրացմամբ, Խոսրովշում նոր պատուանունով, եւ իրաւունք ստանալով գործածել պատմուճան եւ գտակ բեհեզեայ յոսկւոյ օծեալ, ականակապ վրան, գահ արծաթի, փողեր չորեքձայնեան, եւ պահապաններ արքունի թիկնապահներէն: Սմբատ Հայ գունդեր ալ առաւ մէկտեղ, որոնց կը հրամայէին Վարազշապուհ Արծրունի, Սարգիս Տայեցի, Վռամ Գողթնացի, Սարգիս Դիմաքսեան, Սարգիս Տրպատունի, եւ Մանուէլ ու Արտաւազդ ու Վստամ ու Հմայեակ Ապահունիներ (ՍԵԲ. 104): Սմբատ մեծ յաղթութիւն մը տարած, անհոգ կը մնար պզտիկ գունդով մը, երբ թշնամին անակնկալ կերպով յարձակումը նորոգեց: Սմբատ հրաման ըրաւ ետ քաշուիլ, եւ ինքն Սարգիս Դիմաքսեանի եւ Սարգիս Տրպատունիի եւ Սմբատիկ զինակիրի ընկերակցութեամբ ազատեցաւ, իսկ Դատոյեան պարսիկ զօրավարը ուզեց պատերազմիլ, բայց յաղթուեցաւ, ու թշնամին մինչեւ Ասպահան ասպատակեց: Ձախողուածը ամբաստանութեանց դուռ բացաւ, բայց Խոսրովի կողմէն քննիչ ղրկուած Շահրապան Բանտական նախարար` Սմբատը արդարացուց եւ Դատոյեան մահուան դատապարտուեցաւ (ՍԵԲ. 106): Սմբատ պատերազմը նորոգեց 609-ին նոր ոյժերով, Քուշանաց թագաւորը մենամարտով սպաննեց, եւ անոր գունդերը մինչեւ ներքին գաւառները հալածեց, որուն վրայ Խոսրով նոր պատիւներ տուաւ Սմբատի, մինչեւ արքունի փիղը հեծցնելու չափ (ՍԵԲ. 108), եւ արքունեաց մէջ հանգստեան պաշտօնի կոչեց, իբրեւ երրորդ նախարար ի տաճարի թագաւորութեանն, ուր ապրեցաւ Սմբատ, այլեւս 8 տարիներ մինչեւ 617 (ՍԵԲ. 109):

435. ԲԱԳԱՐԱՆՑԻԻ ՄԱՀԸ

Միեւնոյն ատեններ Խոսրով Յունաց դէմ ալ պատերազմը կը շարունակէր, վասնզի չէր ներեր Փոկասի խաղաղութեամբ վայելել Մօրիկի գահը, եւ երբ Խոռեամ Ռազման Միջագետքի մէջ կը յառաջէր, Աշտատ Յեղտայար, որ Աշոտ ալ կոչուած է (ՅՈՎ. 94), Յունական Հայաստանը կը մտնէր, Բասենի Դու գիւղի մօտ մեծ յաղթութիւն մը կը տանէր, Կարինը կը գրաւէր, եւ մինչեւ Սատաղա ու Նիկոպոլիս ու Կեսարիա կը յառաջէր: Խոսրովի 21-րդ կամ 610 տարին յաղթական բանակը Պարսկաստան դարձած ատեն, գրեթէ բոլոր Կարնոյ բնակիչները գերի կը տանէր, եւ Համատան քաղաքը կը փոխադրէր: Գերիներուն մէջ էր Յովհան Բագարանցի հակաթոռ կաթողիկոսը, ծերացած եւ աննշանակ կացութեան մատնուած, որ հազիւ տարի մը եւս կ՚ապրէր գերութեան երկիրը, եւ կը վախճանէր 611-ին, 590-էն ասդին 20 տարի աննշանակ եւ անօգուտ պաշտօնավարութեամբ, եթէ չուզենք իսկ իրեն վրայ ծանրացնել եկեղեցւոյն եւ ազգին պառակտելուն գործիք դարձած ըլլալը, յարգելով պատմիչներէն ոմանց վկայութիւնը` թէ անհատաբար արդար եւ առաքինի վարք մը ունեցած էր: Բագարանցիին մարմինը Համատանէն բերուեցաւ, եւ Աւան քաղաքը թաղուեցաւ, իր իսկ իրեն համար իբր աթոռանիստ կառուցած եկեղեցւոյն մէջ (ՍԵԲ. 123): Յոյներ երբէք չմտաբերեցին Բագարանցիին յաջորդ մը տալ, ոչ անոր գերութեան ատեն եւ ոչ մեռնելէն ետքը: Հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը օգուտ չէր ունեցած, եւ Աբրահամի ընտրութեան առթիւ Յունական բաժինին եպիսկոպոսներն ալ ամբողջաբար Դուինի աթոռին հետ համաձայնած էին, նոր հակաթոռ մը իրեն հետեւող պիտի չգտնէր: Բաց աստի Յոյները այս մասին մտածելու իսկ ատեն չունէին, զի Հերակլ Եգիպտոսի զօրավարը, որուն Փոկասի դէմ ելնելը յիշած ենք 394), երբէք իր հակառակութենէն ետ չէր կեցած, եւ տակաւ իր կողմը զօրացուցած, մինչեւ իսկ ծովէն ու ցամաքէն Բիւզանդիոնի վրայ քալեց, մայրաքաղաքը գրաւեց, Փոկասը սպաննեց, եւ ինքն ծերացած ըլլալով, իր համանուն Հերակլ որդին կայսր հռչակել տուաւ, 610-ին:

436. ՊԱՐՍԻՑ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Հերակլ կայսր իր գահը ապահովելու եւ իր իշխանութիւնը զօրացնելու համար, փափաքեցաւ Պարսից հետ հաշտութիւն կնքել, Խոսրովը համոզելով, թէ իր նպատակը կատարուեցաւ, երբ Փոկասի սպանութեամբ Մօրիկի վրէժը լուծուեցաւ (ՍԵԲ. 125): Սակայն Խոսրով չհաւանեցաւ, եւ կը պնդէր թէ ինքն Մօրիկի տեղ անոր որդին Թէոդոսը թագաւորեցուցած է, եւ Հերակլի թագաւորութիւնը չի ճանչնար: Միանգամայն` հրաման տուաւ իր զօրավարներուն կայսրութեան վրայ յարձակիլ ամէն կողմէ: Ընդհանուր բանակին հրամանատարն էր Խոռեամ Ռազման, որուն Շահրվարազ պատուանունը շնորհուեցաւ, եւ օգնական տրուեցաւ Շահէն Պատգոսապան, որ մինչեւ Փոքր Ասիոյ առաջակողմը քալեց: Խոռեամ ալ Դամասկոսը գրաւեց 613-ին, եւ անկէ Փոքր Ասիոյ բանակին գլուխը անցնելով մինչեւ Քաղկեդոն եկաւ, եւ կը սպառնար Բիւզանդիա անցնիլ: Հերակլ տակաւին կը ջանար հաշտութեամբ եւ խաղաղութեամբ գործը վերջացնել, միշտ առջեւ դնելով Փոկասի սպանութիւնը իբրեւ Խոսրովի հաճելի գործ մը (ՍԵԲ. 143): Բայց Պարսիկներ չկասեցան եւ նաւերով Բիւզանդիոյ վրայ յարձակեցաւ, եւ թէպէտ չյաջողեցան, սակայն խրոխտանքը ձեռքէ չձգեցին (ՍԵԲ. 143), եւ իրենց աւարառութիւնները եւ սպառնալիքները շարունակեցին: Շահրվարազ Խոռեամ Բիւթանիայէ Երուսաղէմի վրայ դարձաւ եւ զայն առաւ 614 Ապրիլ 10-ին, եթէ պահենք զկնի տասն աւուր անցելոյ յետ զատկին թուականը, միանգամայն, Խոսրովի թագաւորութեան ԻԷ տարին ԻԵ ուղղելով, եւ մարգաց 19-ն ալ մարերի կարդալով (ՍԵԲ. 130): Երուսաղէմի աւարին հետ գրաւուեցաւ Խաչափայտն ալ, եւ գերիներու հետ տարուեցան Զաքարիա պատրիարքը եւ բազմաթիւ եկեղեցականներ: Պահ մը կայսրութեան բոլոր Ասիական սահմանները Պարսից ձեռքը անցած գտնուեցան (ԱՍԼ. 272), եւ Խոսրով այնչափ հպարտացաւ, որ Հերակլի անմիտ եւ անպիտան ծառայ հասցէով նամակ կը գրէր, կը խրատէր որ իր Քրիստոսին չի վստահի, թագէն հրաժարի եւ գայ Պարսկաստան, ուր զինքն տունով տեղով հանգիստ ապրեցնել կը խոստանար (ՍԵԲ. 143):

437. ՆԵՍՏՈՐԱԿԱՆԱՑ ԳՈՐԾԵՐԸ

Այս միջոցին կրօնական զանազան պատահարներ տեղի կ՚ունենային Պարսից մայրաքաղաքը: Արքունեաց մէջ Սմբատ Բագրատունիի ստացած ազդեցիկ դիրքը յիշեցինք 434): Ուրիշ մըն ալ կար, որ նոյնչափ ազդեցութիւն ստացած էր արքունեաց մէջ, Գաբրիէլ Շիզգարացին, արքունեաց բժշկապետը կամ պարսիկ կոչմամբ դուրուստպետը, որ յաջողած էր Շիրին թագուհւոյն ամլութիւնը բժշկել, եւ Մերդանշահ արքայորդւոյն ծննդեան պատճառ ըլլալ (ՅԱՐ. 146): Գաբրիէլ ալ Սմբատի նման միաբնակ ուղղափառ էր, նոյնպէս էր եւ Շիրին թագուհին (ՍԵԲ. 76), եւ այս երեքին համամիտ ուղղութիւնը կրցաւ ազդել Խոսրովի վրայ, որ իր պաշտպանութիւնը շնորհէ իրենց դաւանութեան, եւ զլանայ Նեստորականներուն: Չէ՞ որ Նեստորականներ Քաղկեդոնականներուն համամիտ էին, եւ Խոսրով ալ սաստիկ ատելութեամբ կը պատերազմէր քաղկեդոնիկ Յոյներուն հետ: Զօրութեամբ այդ ազդեցութեան երկար ձգձգումներ եղան Նեստորականներու կաթողիկոս մը ընտրելու համար Սարբիշօ կաթողիկոսի մահուընէ ետքը, որ մեռած էր 604-ին: Թէպէտ Նեստորականներ կ՚ուզէին Գրիգոր Կաշկարցին բարձրացնել աթոռը, բայց Գաբրիէլի ազդեցութեամբ ընտրուեցաւ, Գրիգոր Պորաթեցին: Այն ալ շուտով վախճանեցաւ շուրջ 609-ին, եւ այս անգամ աւելի մեծ տագնապ ծագեցաւ, վասնզի Խոսրով յաջորդին ընտրութիւնը Շիզգարացիին յանձնեց, իսկ նա ամէն տեսակ դժուարութիններ հանեց, որպէսզի յաջորդ չընտրուի, եւ Նեստորականներ տկարանան, եւ եթէ հնար լինի ի սպառ ալ ցրուին ու ջնջուին (ՅԱՐ. 146): Նեստորականներ շարունակ դիմումներ կ՚ընէին ընտրութեան արտօնութիւն ստանալու համար, իսկ Շիզգարացին չէր դադարեր ծանր ամբաստանութիւններ կուտել անոնց գլուխը, այնպէս որ Խոսրովի հրամանով հարկ եղաւ կէս դատական, կէս կրօնական քննութիւն մը բանալ, գլխաւոր նպատակ ունենալով ճշդել, թէ Նեստորականաց ուղղութիւնը տէրութեան հակառակ կողմ մը ունէր արդեօք: Աստի եւ անտի պատգամաւորներ հրաւիրուեցան, Նեստորականներուն ներկայացուցիչները եղան Յովնադաբ Խըդհայեաբի եւ Շուբխալըմարան Բեթսըլոխի մետրապոլիտներ եւ Գէորգ Իզալացի գիտնական վարդապետ: Նեստորականաց յիշատակներուն համաձայն իրենք յաղթական գտնուեցան կրօնական վիճաբանութեանց մէջ, եւ Շիզգարացիին հրամայուեցաւ որ զիրենք չհալածէ (ՅԱՐ. 147): Այս պարագային է որ Պարսից ժողովի մը յիշատակութիւնն ունինք, որուն թուականը եւ կազմութիւնը խնդիրներու տեղի տուած է:

438. ՄԱՐԱՍՏԱՆԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Սովորաբար ընդունուած դրութեամբ, եւ պաշտօնական գրութեանց վրայ հիմնուելով, Պարսից ժողովին գումարումը եղած է յետ գերութեանն Երուսաղէմի (ՍԵԲ. 189), եւ անոր մասնակցած են Զաքարիա Երուսաղէմի պատրիարքը(ՍԵԲ. 192), եւ Կոմիտաս Տարոնոյ եւ Մատթէոս Ամատունեաց եպիսկոպոսները (ԱՍՈ. 96): Այդ ամէն պարագաները ճշմարտուելու համար պէտք է որ ժողովը գումարուած ըլլայ 616-ին, կամ առնուազն 615-ին: Ուրիշ հաշուով մը` Գէորգ Իզալացի, որ ժողովին մէջ գտնուած կ՚ըսուի, խաչուած է 615 Յունուար 14-ին, անկէ առաջ 15 ամիս բանտարկութիւն է կրած, որով կը հասնինք 613 Հոկտեմբեր կէսին, անկէ ալ առաջ երկար ժամանակ գոնէ 4 ամիս, այդ գործերով ատեն անցուցած է, որով ժողովի թուական կը դրուի 613 Յունիս ամիսը (ՅԱՐ. 153): Երկու հաշիւներն ալ իրենց համար բաւական հաստատուն հիմեր ունին, որք պատմական պարագաներու հետ ալ կը կապակցին, այնպէս որ մեր կարծեօք հնար չէ մին միւսին զոհել, եւ բնաւ դժուարութիւն չենք տեսներ երկու տարբեր գումարումներ ընդունիլ, ինչչափ ալ երկբայութիւն յարուցուի, թէ երկրորդ ժողովն էլ ի՞նչ պիտի անէր (ՅԱՐ. 159): Մեր տեսութիւնը արդարացնելու համար կը յիշենք նախ, թէ ինչպէս նեստորական աղբիւրներ Խոսրովի 23-րդ տարին կը յիշեն, որ է ըսել 612/3 տարեշրջանը (ՅԱՐ. 153), նոյնպէս ուրիշ աղբիւրներէ յստակօրէն կը քաղուի միւս թուականը` Երուսաղէմի գերութեան պարագայով: Զաքարիա պատրիարքի ներկայութիւնը այնպիսի նշանաւոր եղելութիւն մըն է, որ չէր կրնար ոչ կեղծիքի եւ ոչ թիւրիմացութեան ներքեւ իյնալ: Նեստորականներու յիշած ժողովը, Մարաստանի մէջ տեղի ունեցած մասնաւոր գումարում մըն է (ՅԱՐ. 151), մինչ բուն Պարսից ժողովը Պարսից մայրաքաղաքին մէջ, ի դուռն արքունի (ՍԵԲ. 189), եւ ամէն կողմերէ հրաւիրուած եպիսկոպոսներով կազմուած (ԹՂԹ. 218), լիակատար գումարում մըն է: Մարաստանի մէջ տեղի ունեցած գումարման նպատակն է` Նեստորականաց կաթողիկոս ընտրելու արգելքը վերցնել (ՅԱՐ. 149), մինչ Պարսից ժողովին պատմութեանը մէջ, ներկայ էր անդ անուանեալ կաթողիկոսն Նեստորականաց (ՍԵԲ. 191), եւ ինքն հայրապետն իսկ յառաջ մատուցեալ կը խօսէր (ՍԵԲ. 190): Մարաստանի գումարման նպատակն էր Նեստորականաց աթոռին պարապութեան վերջ դնել, եւ անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւնները ցրել, մինչ Պարսից ժողովին նպատակն է Պարսկաստանի քրիստոնեաներուն մէջ տիրող երկպառակութիւնը վերջացնել, եւ երկրին խաղաղութեան նպաստել (ՍԵԲ. 189): Հետեւաբար Մարաստանի գումարումին արդիւնքը եղաւ որ կաթողիկոս ընտրելու արտօնութիւնը տրուեցաւ, եւ Նեստորականք իրաւունք ունեցան կարծելու թէ իրենք յաղթեցին: Սակայն Ուղղափառներու եւ Նեստորականներու վէճերը չվերջացան, թերեւս աւելի ալ զայրացան, եւ Խոսրով կրցաւ ըսել. Լսեմ թէ երկու կողմանք են քրիստոնէիցն, եւ մին զմիւսն նզովէ, զի՞նչ համարին իրաւացի. արդ միաբանութեամբ ժողովեսցին ի դուռն արքունի, զի զուղիղն հաստատեսցեն եւ զթիւրն մերժեսցեն (ՍԵԲ. 189): Խոսրով կերպով մը քրիստոնեայ կայսրներուն դերը կը ստանձնէ, եւ ընդհանուր ժողովի մը կը յանձնէ դաւանական վէճերու որոշումը: Իսկ այս գործը շատ տարբեր է կաթողիկոսի ընտրութեան արգելքը վերցնելու խնդիրէն:

439. ՊԱՐՍԻՑ ԺՈՂՈՎԸ

Պարսից ժողովին գումարման հսկելու համար, Խոսրովի կողմէն ոստիկան կամ թագաւորական պատուիրակ նշանակուեցան Սմբատ Բագրատունի եւ Գաբրիէլ Շիգգարացի: Ժողովին հրաւիրուեցան պարսկահպատակ ամենայն եպիսկոպոսներ կողմանց արեւելից եւ Ասորեստանի, որ է ըսել բուն Պարսկաստանի եւ Միջագետքի վիճակաւորները, եւ յանուանէ յիշուած ունինք Կամբիշոյ մետրապոլիտը, որ է Տիզբոնի եպիսկոպոսը, եւ Պօղոս Արուաստայ, Գաբրիէլ Տաճկաց, Յովնան Հերթայ, Սիմոն Նինուէի, Սաբասիոյ Կոհոնիհորական, Գաբրիէլ Քարմայ, Բենիամին Մնդրի, եւ Ստեփանոս Արզնի եպիսկոպոսները (ԹՂԹ. 218): Բայց ամէնը այսչափ չէ, որովհետեւ ներկայ են այլ բազում եպիսկոպոսք, եպիսկոպոսակցօք եւ սարկաւագօք (ԹՂԹ. 218), ինչպէս եւ շատ երիցունք (ՍԵԲ. 189): Ժողովին ներկայ է եւս Զաքարիա հայրապետն Երուսաղէմի եւ այլ բազում իմաստասէրք, իմա' գիտնական եկեղեցականներ, որոնք գերի բերուած էին ոչ միայն Երուսաղէմէ, այլեւ Աղեքսանդրացւոց քաղաքէն (ՍԵԲ. 189), վասնզի Խոռեամի բանակին մէկ մասը Եգիպտոս ալ արշաւած էր (ԱՍԼ. 272): Հայերուն գլխաւոր մասնակցութիւն տրուած չէ, միայն երկու անձեր կը յիշուին, Կոմիտաս Մամիկոնէից եւ Մատթէոս Ամատունեաց եպիսկոպոսներ, որոնց համար կ՚ըսուի թէ դիպեցան անդ (ՍԵԲ. 190), իբր այն թէ ուղղակի հրաւիրուած չէին: Բայց այդ մասին ըսելիքնիս առաջիկային կը թողունք: Ժողովին մէջ շփոթը սաստիկ եղած է, որովհետեւ երկու դաւանութեանց եպիսկոպոսները դէմդիմաց էին: Նեստորականաց կաթողիկոսին Յիսուսի նկատմամբ յայտարարութիւնը, թէ մի' կոչեսցի աստուած այրն այն, մեծ ժխոր կը յարուցանէ, առաջին ժողովներու հաւատքը յառաջ կը բերուի, եւ քաղկեդոնեան վարդապետութեան առջի երեքներուն հակառակ ըլլալը կը բացատրուի, իւրաքանչիւր ժողովի հովանաւոր կայսրներուն անունները կը ճշդուին, եւ Խոսրով կը վճռէ, թէ երից թագաւորաց հրամանքն ճշմարիտ թուին լինել, քան միոյն (ՍԵԲ. 191): Ժողովին մէջ թագաւորին վերագրուած խօսքերը, յարմարագոյն լինէր թագաւորական ոստիկաններէն ըսուած կարծել, որովհետեւ Խոսրով ներկայ չէր, եւ քրիստոնէական մանրամասնութեանց ալ ծանօթութիւն չունէր: Ժողովին որոշումը Նեստորականներուն նպաստաւոր չեղաւ, եւ չէր ալ կրնար ըլլալ, քանի որ Սմբատն ու Գաբրիէլն էին ոստիկանները, եւ Շիրին թագուհի անոնց հովանաւորը: Նեստորականաց հայրապետին համար կ՚ըսուի թէ գանալից եղաւ, թէ հրամայուեցաւ բոլոր անոր համախոհները հանել յատենէն (ՍԵԲ. 190), եւ քանդել զամենեցունց նոցա զեկեղեցիսն, մինչեւ իսկ սատակել զնոսա, թէ ոչ դարձցին ի մոլորութենէն (ՍԵԲ. 191): Թերեւս, այդ խստութեանց մէջ նշանակութիւն ունեցաւ, Նեստորականներուն իբր քաղկեդոնիկ Յոյներու կողմնակից ցուցուած ըլլալը, թէ ոչ Խոսրովի աչքին մեծ նշանակութիւն ունեցած պիտի չըլլար Քրիստոսի բնութեանց միաւորութեան կամ երկուութեան խնդիրը: Այսչափ են Պարսից ժողովին մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները:

440. ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՄԱՀԸ

Հայերուն այդ ժողովին մէջ գլխաւոր դեր չունենալը նկատողութեան արժանի է, մանաւանդ որ Հայ Եկեղեցւոյն նախանձայոյզ պաշտպան` Սմբատ Բագրատունին, ժողովին կառավարող եւ հսկող ոստիկան էր: Հայոց աթոռը, բոլոր Պարսկական թագաւորութեան մէջ, առաջին եւ բարձրագոյն հոգեւոր իշխանութիւնն էր, եւ արքունիքն ալ կը ճանչնար եւ կը յարգէր անոր կարեւորութիւնը: Միայն երկու եպիսկոպոսներ դիպեցան անդ, որոնք վասն բռնութեան աշխարհին էին արձակեալ զի ծանուսցեն թագաւորին (ՍԵԲ. 190), որ է ըսել թէ ոչ ժողովին ներկայ ըլլալու, այլ տեղական գործերու համար պատգամաւորութիւն մըն էր: Երկու եպիսկոպոսներէն մէկն է Մատթէոս Ամատունեաց եպիսկոպոսը, զոր արդէն գործի վրայ տեսանք Աղուանից գրուած թղթոյն առթիւ 428), իսկ միւսն է Կոմիտաս եպիսկոպոս Մամիկոնէից կամ Տարոնոյ: Արդ Կոմիտաս, որ իբրեւ Մամիկոնէից եպիսկոպոս ժողովին ատեն Պարսկաստան կու գայ, Պարսկաստանէ չդարձած ընդարձակ թուղթ մը կը ներկայացնէ ժողովին վասն հաւատոյ, եւ անոր մէջ կը յայտնէ, թէ յաջորդեցայ ի կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծաց (ԹՂԹ. 218): Այդ տեղեկութիւններէն պիտի քաղենք պատմութիւնը, քանի որ աւելի բացայայտները չունինք: Ամենէն մեծ դժուարութիւնն է Աբրահամ կաթողիկոսի մահուան թուականը ճշդել, որպէսզի անկէ անցնինք նոր կաթողիկոսի ընտրութեան: Այդ ամէն պատմագիրներ եւ գաւազանագիրներ, որոնցմէ 15-է աւելի յատկապէս քննած ենք, ամէնքն ալ առանց բացառութեան 23 տարի կու տան Աբրահամի, եւ 607-էն հաշուելով 630-ին կը տանին նորա կաթողիկոսութեան վերջը, մինչ մենք հազիւ թէ 616-ին հասած ենք պատմական ժամանակագրութեամբ եւ ահա նոր կաթողիկոսի մը անունը կը գտնենք դիմացնիս: Պատմագիրներու համաձայնութիւնը զօրաւոր փաստ կը նկատուի, եւ մենք ալ զայն սիրած ենք եւ կը սիրէինք յարգել, եթէ ժամանակագրութեան խստապահանջ փաստը չպարտաւորէր պատմագիրներու եւ գաւազանագիրներու տուած թուականը մէկ կողմ թողուլ, եւ եղելութեանց պահանջին հպատակելով գոնէ 615-ին վերջերը վախճանած ըսել Աբրահամ Աղբաթանեցի կաթողիկոսը: Թէ ինչպէս տեղի ունեցած է սխալին ծագումը, կամ թէ ինչպէս կրցած է այն միօրինակ ձեւը տարածուիլ, հետազօտել աւելորդ է: Ինչպէս Աբրահամի կաթողիկոսութեան սկիզբը, նոյնպէս Կոմիտասի ալ կաթողիկոսութեան սկիզբը պատմականօրէն հաստատուած են, եւ երկուքին միջոց ժամանակէն աւելի պաշտօնավարութիւն չենք կրնար տալ Աբրահամի: Աբրահամ գործունեայ եւ որոշ կամքի տէր անձ մը կը տեսնուի, որ ամենէն տագնապալի միջոցի մէջ աթոռ բարձրացաւ եկեղեցւոյն երկպառակ վիճակը դարմանելու, եւ վարատեալ հօտ մը հովուելու: Մէկ կողմանէ Վրաց բաժանման մէջ ցուցուցած արի եւ անվկանդ հաստատամտութիւնը, միւս կողմէն Յունաց բաժնին եպիսկոպոսները միաբանելու, եւ Աղուանից բաժանման առաջքն առնելու համար սիրաշահութիւնները, կը ցուցնեն ժամանակին պարագաներու վրայ իշխելու, եւ իւրաքանչիւր եղելութիւնը իր էութեան մէջ կշռելու կարողութիւն մը, եւ արժանի կ՚ընեն իր անունը նշանաւորագոյն կաթողիկոսներու հետ դասելու: Մահուան պարագաները, եւ թաղման տեղը յիշուած չեն: Ասոնք Դըւնայ մէջ տեղի ունեցած են աներկբայաբար: Տարիքն ալ շատ ծերացած չ՚երեւիր: Մովսէս կաթողիկոսի օրով յիշուած չէ, եւ տեղապահութեան միջոցին կը սկսի երեւիլ, եւ իր գործելու կերպերն ալ ժիր տարիքի նշանները կը յայտնեն: