Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԱՀԱԿ Գ. ՁՈՐՈՓՈՐԵՑԻ

510. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Սահակի ծննդավայրն է Ձորոփոր գաւառի Արքունաշէն գիւղը, Գուգարաց նահանգին մէջ, եւ բացառութեամբ մը մօրը ծագումն ալ յիշուած կը գտնենք, թէ Արարատ նահանգի, Մազազ գաւառի, Բերդկաց գիւղէն էր (ՅՈՎ. 118), որ այժմեան Պորտակ գիւղին հետ կը նոյնացուի (ՏԵՂ. 78): Թէպէտ ամէն կաթողիկոսներու մակդիր անունը սովորաբար իրենց գիւղէն առնուած է, սակայն Սահակը գաւառէն առնելով Ձորոփորեցի կոչել սովորութիւն եղած է, եւ մենք ալ ըստ այնմ պահած ենք, եւ Արքունաշէնցի կոչումը չենք մուծած: Իսկ Տաթեւացին տարօրինակ կերպով մը կը կոչէ զայն Սահակն որ գնաց ընդդէմ Տաճկաց (ՏԱԹ. 637), կոչում մը որ ուրիշէ գործածուած չէ: Կաթողիկոսութենէ առաջ Ռոտակաց եպիսկոպոս է եղած (ՅՈՎ. 119), զոր իդէպ է նոյնացնել Ուտի նահանգի Ռոտպացեան գաւառի հետ (ԽՈՐ. 610), թէպէտ Ռոսաստակ գաւառ մըն ալ յիշուած է Արցախու Մեծկուանք եւ Մեծիրանք գաւառներու միջեւ (ՏԵՂ. 89): Որն եւ ըլլայ Սահակի եպիսկոպոսական վիճակը, երբեք իր անունը առաջուընէ յիշուած չէ, բայց հարկաւ գործունէութեան նշաններ տուած էր, որ գործի գլուխ կոչուեցաւ, երբ քաղաքական հորիզոնը սկսեր էր մթագնիլ, եւ Արաբացւոց եւ Յունաց գործերուն կնճռոտուիլը, Արաբացւոց տակաւ թուլնալը, եւ Յունաց քիչ քիչ ինքզինքնին գտնելը, մօտակայ փոթորիկներ գուշակել կու տային: Սահակի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը տարբեր կերպով նշանակուած է պատմագիրներէն, եւ 17, 23, 25, 26 եւ 27 տարիներ տրուած են անոր, որոնց տարբերութիւնը դժուարաւ կրնանք մեկնել: Թերեւս ԺԷ. եւ ԻԷ. թուատառեր գրչագրութեան սխալանօք փոխանակուած են, վասնզի երկուք միայն են 17 տարի տուողներ, մինչ մեծամասնութիւնը 23 եւ աւելի տարիներ կու տայ: Ասոնցմէ ոմանք ալ թերեւս ուզած են զեղչել Սահակի աքսորական տարիները, բայց աւելի նախնական եւ աւելի պատմութեան պահանջից յարմար է Պատմաբանէ նշանակուած 27 տարին (ՅՈՎ. 124), որ այժմ ընդհանրապէս ալ ընդունուած է: Ըստ այսմ Սահակի ընտրութիւնը Իսրայէլի մահուան տարին` 677-ին դնելով (65), եւ 27 տարիներ ալ ամբողջապէս լրացեալ չհաշուելով, Սահակի մահը կը դնենք 703-ին: Իր ժամանակակից քաղաքական պետերը` Արաբացւոց կողմէ եղան, առաջ Մուավիէ, որ 680-ին մեռաւ, եւ իրեն յաջորդեց որդին Եէզիտ 3 տարի, անկէ ետքը Մուավիէ Բ. եւ Մրուան մէյմէկ տարի միայն իշխեցին, եւ 685-ին գահակալեց Ապտիւլմելիք, որ 20 տարի իշխեց, եւ Սահակի մահուընէ ետքը մեռաւ: Իսկ Յունաց կայսրները եղան երկու Պոգոնատները, Կոստանդին Դ. մինչեւ 685, եւ Յուստիանոս Բ. մինչեւ 695, զոր Ղեւոնդիոս հալածեց եւ 3 տարի իշխեց, անոր ալ յաջորդեց Տիբերիոս: Յուստիանոս նորէն դարձաւ 705-ին, երբ Սահակ արդէն մեռած էր: Ընդհանուր առմամբ Սահակի երկարատեւ կաթողիկոսութիւնը` երկարատեւ նեղութեանց եւ խռովութեանց ալ միջոց եղաւ, եւ պատմիչներ իրաւունք ունին ըսելու, թէ յայսմ ժամանակի հալածումն եւ աւերումն սաստիկ եհաս աշխարհիս Հայոց (ԱՍՈ. 101), վասնզի խաղաղութիւնն վրդովեցաւ, եւ սասանումն սաստիկ զՀայաստանեայսս պատեալ պաշարեաց (ՅՈՎ. 119):

511. ԱՐԱԲԱՑԻՔ ԵՒ ԼԵՌՆԱԿԱՆՔ

Հազիւ թէ Սահակ աթոռ կը բարձրանայ, եւ ահա առաջին յարձակում մը տեղի կ՚ունենայ Արաբացւոց կողմէն Բառաբա անուն զօրավարի մը առաջնորդութեամբ, որ Հայաստանէն անցնելով Վրաց իշխան Ներսէհի վրայ կ՚երթայ, բայց չի յաջողիր եւ փախստական կը դառնայ (ՅՈՎ. 118), երթալուն եւ դառնալուն անհնարին վնասներ հասցնելով հայկական գաւառներուն: Այդ յանկարծական յարձակման ուրիշ պատճառ մը չենք գտներ, բայց եթէ 679-ին Արաբացւոց վերջնապէս յաղթուելով Կոստանդնուպոլսէ ետ դառնալնին: Մայրաքաղաքին եօթնամեայ պաշարումը վերջացաւ արաբական տորմիղին սպառսպուռ ջնջուելովը յունական հուր կոչուած նորագիւտ կրակին զօրութեամբ, որ ջուրի վրայ ալ կ՚այրէր: Ասոր վրայ բանակն ալ պարտաւորուեցաւ դառնալ, եւ Յոյներ հետապնդելով սաստիկ ջարդ տուին, այնպէս որ Արաբացիք պարտաւորուեցան երեսնամեայ խաղաղութիւն կնքել, տարեկան 30, 000 ոսկի ու 50 արաբացի նժոյգ վճարելով, եւ 50 նշանաւոր գերիներ դարձնելով (ԼՊԱ. 499): Այս յաղթութիւնը, սիրտ տուաւ Յոյներուն, կայսրութեան կենդանութիւնը վերանորոգեց, եւ Արաբացւոց ներքեւ յակամայից հպատակած քրիստոնեաները` նշկահելու քաջալերեց, եւ այս պիտի ըլլայ Վրաց դէմ ուղղուած արաբական արշաւանքին պատճառը, քանի որ Վրացիներ Յունաց հետ կապուած էին Կիւրիոնի ատենէն: Իսկ Հայոց դէմ ուղղակի բան մը յիշուած չէ այս անգամ, քանի որ Հայեր չէին համարձակած տակաւին Արաբացւոց հետ յարաբերութիւնները խզել, եւ Պատմաբանը, Գրիգոր Մամիկոնեանի մահուան հետ կը յարակցէ Հայաստանի խռովութեանց սկզբնաւորութիւնը (ՅՈՎ. 119): Հիւսիսային լեռնականներ, որոնց անունը միշտ տարբեր կերպով կը յիշուի` առաջնորդող ցեղին անունին համաձայն, մեծ արշաւանք մը կազմակերպեցին Հայաստանի վրայ յեօթներորդում ամի աթոռակալութեան Սահակայ(ՅՈՎ. 119), մինչ Ասողիկ կը գրէ ի հինգերորդ ամին, եւ ի հարիւր երեսուն թուին (ԱՍՈ. 101): Այդ բացատրութիւնները կու տան 684, 682 եւ 681 թուականները, Անեցին ալ 682 տարին կը նշանակէ (ՍԱՄ. 84), եւ յարմարագոյն կը գտնենք այդ թուականը, Պատմաբանին օրինակին մէջ Ե եւ Է թուատառերու գրչագրական սխալանք ենթադրելով: Յարձակողները կը կոչուին Խազիրք, որոնց դէմ ելաւ Գրիգոր հայագունդ բանակով, եւ ինքն ալ նոյն պատերազմին մէջ սպաննուեցաւ: Գրիգոր պաշտօնի անցեր էր Ներսէսի վերջին տարին 661-ին 501), անկէ մինչեւ իր մահը 20 տարիներ անցած կ՚ըլլան, եւ չ՚արդարանար Անեցիի եւ Կիրակոսի միայն ամս տասն պաշտօնավարութիւն տալը (ՍԱՄ. 84, ԿԻՐ. 35): Խազիրներու արշաւանքը կրնայ մեկնուիլ, իբր Արաբացւոց դէմ ուղղուած յարձակում մը, որով Գրիգոր Մամիկոնեան Արաբացւոց նպաստաւոր նպատակով գործած կ՚ըլլայ մինչեւ իր կեանքին վերջը:

512. ԽԱՌՆԱԿ ՄԻՋՈՑ

Գրիգոր Մամիկոնեանէ ետքը շփոթ եւ անկերպարան վիճակ մը կ՚ունենայ Հայաստան, չգիտնալով որոշակի կերպով որ կողմին յարիլ, քանի որ Արաբացիք` որ Կոստանդնուպոլսոյ առջեւ ունեցած կորուստով Յոյներուն ասպարէզ տուած էին, Հայաստանի վրայ ազդեցութիւննին կը պահէին, գոնէ այն մասին վրայ` որ իրենց հովանաւորութեան ներքեւ կը գտնուէր: Կոստանդին Պոգոնատ մինչեւ իր մահը 685-ին, եւ անոր յաջորդը Յուստիանոս Պոգոնատ մինչեւ իր երրորդ տարին (ԱՍՈ. 101), Հայաստանի վրայ յարձակում չփորձեցին, հետեւաբար մինչեւ 688 թուականը Արաբացւոց կողմէն անուանուած իշխաններ Հայաստանը կառավարեցին: Այդ միջոցին ամիրապետներն էին, Մուավիէ մինչեւ 680, Եէզիտ մինչեւ 683, Մուավիէ Բ. մինչեւ 684, եւ Մրուան մինչեւ 685, որուն յաջորդեց Ապտիւլմելիք, նոյն տարին որ Յուստիանոս ալ Կոստանդինի յաջորդեց, եւ երկու բուռն գործիչներ ու մրցակիցներ` Արաբական եւ Յունական գահերը գրաւեցին միանգամայն: Անկէ ետքը սկսան Հայաստանի ծանր տագնապները: Այս միջոցին կազմուած յունական գաւառներուն ցուցակը քննած ատեննիս, անոնց մէջ կը գտնենք Հայոց թեմ անունով Ամասիոյ գաւառը, եւ Կապադովկիոյ թեմ եւ Լիւկանդիոյ թեմ անունով Սեբաստիոյ եւ Մելիտինէի գաւառները (ԼՊԱ. 499), որով յունական Հայաստանը` Փոքր-Հայոց մէջ ամփոփուած, եւ Մեծ-Հայքը Արաբական իշխանութեան ներքեւ մնացած կ՚ըլլայ, որուն կառավարողը, Պատմաբանին համեմատ, եղած է Սմբատ Բագրատունի որդի Սմբատայ (ՅՈՎ. 119-120), մինչ Ասողիկ կը յիշէ Աշոտ Բագրատունին 3 տարի եւ Ներսէհ Կամսարականը 4 տարի (ԱՍՈ. 101-102), իսկ Անեցին` Ներսէհ Կամսարականը 3 տարի, Աշոտ Բագրատունին 3 տարի, եւ Ներսէհ Կամսարականը 3 տարի (ՍԱՄ. 84): Վարդան կը յիշէ նախ Աշոտ Բագրատունին եւ յետոյ Սմբատ Բագրատունին (ՎԱՐ. 70-71), Կիրակոս` Ներսէհ Շիրակացիի անունը կու տայ (ԿԻՐ. 35), իսկ Ղեւոնդ` Աշոտ Բագրատունիէն ետքը կը յիշէ Սմբատ Բագրատունի Վարազտիրոցի որդին (ՂՆԴ. 36, 39): Շփոթութիւնը կը շատցնեն Արաբացւոց եւ Յունաց կողմէ փոփոխակի անուանումները միեւնոյն անձին վրայ, նոյնպէս Ներսէհի երբեմն Կամսարական եւ երբեմն Շիրակացի կոչուիլը, քանի որ սերնդեամբ Կամսարական էր եւ իշխանութեամբ տէր Շիրակայ, եւ վերջապէս Բագրատունեաց ծննդաբանութեան մասին տարբերութիւնները: Կացութեան վրայ պարզ գաղափար մը կազմելու համար դիտել կու տանք, թէ Հայաստանի իշխանները, ոչ թէ տիրողներէ կ՚անուանուէին, այլ տիրողներէ կը ճանչցուէին, եւ ասոնք ալ ըստ պարագայից մերթ այս եւ մերթ այն կողմ կը դառնային: Իսկ տիրապետող կողմերն եղան, Արաբականը մինչեւ Գրիգորի մահը 682-ին, եւ մինչեւ Յուստինիանոսի յարձակումը 688-ին, անկէ ետքը Յունականը մինչեւ Արաբացւոց 698-ին նոր յարձակումները եւ Հայաստանի վրայ արաբացի ոստիկաններ անուանուիլը: Արաբացիք Մուավիէ Ա. ի մահուընէ ետքը երկարատեւ ներքին պառակտումներ ունեցան, եւ Ասորիք, Արաբիա ու Պարսկաստան երեք խալիֆաներ կը տիրէին: Ապտիւլմելիք Ասորիքի ամիրապետը` Յունաց հարկ վճարելով այն կողմէն զինքն ապահով կը պահէր, եւ 13 տարիներ առտնին պատերազմներ մղեց միւս երկուքին դէմ, եւ երբ միահեծան եղաւ, այն ատեն միայն կրցաւ Յունաց դէմ դառնալ եւ Հայաստանն ալ գրաւել:

513. ՅՈՒՆԱՑ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գրիգոր Մամիկոնեանի մահուընէ մինչեւ Յուստինիանոսի յարձակումը, 682-է մինչեւ 688, վեց տարիները, ամենայն հաւանականութեամբ պէտք է կէս առ կէս բաժնել Աշոտ Բագրատունիի եւ Ներսէհ Կամսարականի իշխանութեանց վրայ, հետեւելով պատմագիրներուն մեծամասնութեան տուած տեղեկութեանց: Թերեւս եռամեայ պայմանաժամով իշխանապետ փոփոխելու սովորութիւն մը կար, թէպէտ պատմագիրներ չեն յիշեր, բայց առանց այդ դրութեան զարմանալի կը դառնայ ամենուն ալ միակերպ երեք տարի պաշտօն վարելը: Կառավարութեան վիճակը հանդարտ էր այդ միջոցին, Արաբացիք միջամտելու դիւրութիւն չունէին, Յոյները առաջ մղուելու պատճառ չունէին, քանի որ 30 տարւոյ համար խաղաղութեան դաշինք կնքած էին 679-ին, որ մինչեւ 709 պէտք էր շարունակեր: Հայեր, երկու կողմերուն ձանձրութիւններէն անզբաղ, կրնային իրենց ներքին գործերով զբաղիլ արտաքիններու հետ հաշտ ընթացք մը բռնել, Արաբացւոց հարկը վճարելով, թէպէտ այն շատ թեթեւ չէր, եւ Յոյներուն կրօնական բռնադատութիւններէն ազատ մնալով: Դաւանական խնդիրներուն գալով, տեսանք արդէն որ ատեն մը մերձաւորութեան նշանները սկսած էին շատնալ, եւ դիւրութեամբ հոգեւոր հաղորդակցութիւններ կը հաստատուէին երկու եկեղեցիներուն մէջ: Ասոր պատճառը եթէ մասամբ քաղաքական էր, Յունական կայսրութեան հովանաւորութիւն շահելու նպատակով, եւ Հայաստան արշաւող կայսրներուն ճնշումներով բռնադատուելով, մասամբ ալ եկեղեցական էր, վասնզի Հերակլի կայսրութեան սկիզբէն, մինչեւ Կոստանդին Պոգոնատի 12-րդ տարին, որ է ըսել 610-էն մինչեւ 680, Յունաց եկեղեցին իր թունդ քաղկեդոնիկ ուղղութիւնը մեղմացնելով, միակամեայ դաւանանքի կը հետեւէր, զոր պատրիարքներով ու ժողովներով ընդուներ էր, իրեն համակարծիք ունենալով Աղեքսանդրիոյ եւ Հռոմայ աթոռներն ալ: Այդ պարագան մեծ դիւրութիւն կ՚ընծայէր Հայոց, աւելի համարձակութեամբ Յոյներու հաղորդակցութեան հաւանելու, երբ քաղաքական շարժառիթներ ալ նոյնը կը թելադրէին: Այդ դիտողութիւնը ըրինք արդէն, Եզր կաթողիկոսի Հերակլ կայսեր հետ 467), եւ Ներսէս կաթողիկոսի Կոստանդին կայսեր հետ հաղորդակցութիւնները 490) պատմած ատեննիս, քանի որ երկու կայսրներն ալ ջերմ միակամեաներ էին, եւ Կոստանդին Պոգոնատն ալ նոյն ուղղութիւնը կը պահէր, մինչեւ որ անկէ հեռանալու պէտքը զգաց: Հերակլ ու Կոստանդին կայսրութեան զօրութիւնը կը տեսնէին Արեւելեան ազգութիւնները իրենց հետ կապակցելուն մէջ, իսկ այդ ազգերը միաբնակներ եւ հակաքաղկեդոնիկներ էին: Յոյներ չկարենալով այլեւս իրենց 553-ի ժողովին հակառակ Քաղկեդոնը մերժել, խորհեցան զայն մեղմացնել միակամեայ դրութեամբ, որպէսզի Արեւելեան ազգերը շահին: Բայց Կոստանդին Պոգոնատ, տակաւ Արեւելեաններէն յոյսը կտրեց, եւ սկսաւ Արեւմտեաններէն յուսալ իր կայսրութեան պէտք եղած օգնութիւնը, անոր համար միակամեայ դաւանութենէն հրաժարեցաւ, եւ նորէն զուտ ու թունդ քաղկեդոնականութեան դարձաւ: Այս եղաւ 680-ի ժողովին շարժառիթը, որ Կոստանդնուպոլսոյ Երրորդ, եւ տիեզերական վեցերորդ կը կոչուի Յոյներէն եւ Լատիններէն:

514. Կ. ՊՈԼՍՈՅ Գ. ԺՈՂՈՎԸ

Ժողովը հրաւիրեց ինքն Կոստանդին կայսր, հրահանգ տալով Դոմնոս Հռոմայ հայրապետին իր ներկայացուցիչները Կոստանդնուպոլիս ղրկել, բայց Դոմնոսի մահուամբ անոր յաջորդն Ագաթոն` պատուիրակ նշանակեց Թէոդորոս եւ Գէորգ երէցները եւ Յովհաննէս սարկաւագը: Արեւմտեան եպիսկոպոսներէն եկան միայն Յովհաննէս Պորտուայ, Աբոնդանտիոս Պրենեստեայ եւ Յովհաննէս Հռեգիոնի եպիսկոպոսները: Ժողովը բացուեցաւ 680 Նոյեմբեր 7-ին, ոչ եկեղեցւոյ, այլ կայսերական պալատին մէջ, նոյն իսկ կայսեր նախագահութեամբ, եւ միայն 40 ժողովականներով, նպատակ ունենալով Քրիստոսի վրայ մէկ թէ երկու կամք, եւ մէկ թէ երկու գործողութիւն ըսելու խնդիրը լուծել: Պատրիարքներէն ներկայ էին միայն Գէորգ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Մակար Անտիոքայ հայրապետները, Աղեքսանդրիոյ եւ Երուսաղէմի աթոռներէն միայն մէյմէկ սարկաւագներ իբր ներկայացուցիչ նկատուեցան: Գումարումները տեւեցին մինչեւ 681 Սեպտեմբեր 16, եւ ամէն միջոցներ գործածուեցան միակամեայ դրութիւնը հերքել տալու, զոր կը պաշտպանէին գլխաւորաբար Մակար Անտիոքի եւ Գէորգ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքները, եւ Թէոդորոս Մելիտինէի մետրապոլիտը: Կայսրը 12 եպիսկոպոսներ ալ աւելցուց 681 Մարտ 18-ի նիստին, եւ ջանաց հետզհետէ նորեր հասցնել եւ շատցնել, եւ ճնշումները եւ սպառնալիքները սաստկացնել, մինչեւ որ կրցաւ 681 Սեպտեմբեր 16-ին, 160 ժողովականներով` հանդիսութեան մէջ երկակամեայ դաւանութիւնը հռչակել, եւ իբր հերետիկոս նզովել տալ հիներէն Թէոդորոս Փառանու եպիսկոպոսը, Սարգիս եւ Պիւռոս եւ Պօղոս եւ Պետրոս` Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքները, եւ Հոնորիոս Հռոմայ ու Կիւրոս Աղեքսանդրիոյ հայրապետները, իսկ ներկաներէն դատապարտուեցաւ Մակար Անտիոքայ պատրիարքը, որ իրեններուն հետ համարձակութիւն ունեցաւ կայսեր ճնշումներուն հակառակ` համոզումը չփոխել, եւ Երկաբնակ Երկակամեաներուն յառաջ բերած վկայութիւններուն աղաւաղութիւններն ու ծամածռութիւններն ալ մէջտեղ հանել (ՊԷԼ. Ա. 734), Հայերուն կողմէ բնաւ մասնակցութիւն յիշուած չէ, որովհետեւ այն միջոցին Մեծ-Հայք արաբական հովանաւորութեան ներքեւ էր, եւ Յոյներու հետ յարաբերութիւնը ընդհատուած էր: Որոշակի չենք կրնար ճշդել, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Հայերը պաշտօնական տեղեկութիւն ստացան այդ ժողովին վրայ. միայն թէ անիկա պատճառ եղաւ երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւնները պաղեցնելու, որք տակաւ առ տակաւ սկսած էին իրարու հետ մօտենալ` Հերակլի եւ Կոստանդինի ջանքերով, եւ Միակամեայց միջասահման դաւանութեան հետեւանքով: Եթէ 682-է ետքը Հայեր Արաբացւոց կողմը աւելի հակում ցուցուցին, հարկաւ 680-681-ի ժողովը իր ազդեցութիւնն ունեցաւ այդ մասին:

515. ՏՐՈՒԼԼԵԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Այս առթիւ յիշենք Կոստանդնուպոլսոյ միւս ժողովն ալ որ 692-ին սկիզբները տեղի ունեցաւ Յուստինիանոս Բ. կայսեր հրամանով, 211 եպիսկոպոսաց ներկայութեամբ, եւ որ Տրուլլեան կոչուած է, կայսերական պալատան Տրուլլոն կոչուած սրահին մէջ գումարուած ըլլալուն համար: Կոստանդնուպոլսոյ Բ. եւ Գ., կամ ըստ Յունաց եւ Լատինաց` Ե. եւ Զ. տիեզերական ժողովները, բարեկարգական կանոններ չէին կազմած, եւ այդ պակասը լրացնելու համար տեղի ունեցաւ Յուստինիանոսի ժողովը, որը Հինգվեցեան ալ կոչուեցաւ: Այս ժողովին մէջ 102 կանոններ որոշուեցան, որք եկեղեցական օրինաց հաւաքածոյ մը կը կազմեն, եւ յունական եկեղեցւոյն մէջ գործածական են, թէպէտ Լատիններէն չեն ընդունուած, Հռոմայ հայրապետին եւ Արեւմտեայց մասնակցութիւնը գտնուած չլլալուն համար: Քանի մը կանոններու մէջ Հայերը կը յիշուին եւ անոնց սովորութիւնները կ՚արգիլուին: Զորօրինակ 32-րդ կանոնով` բաժակին ջուր չխառնելը. 33-րդ կանոնով` միայն քահանայից զաւակները քահանայութեան ընդունիլը. 81-րդ կանոնով` Սուրբ Աստուածին որ խաչեցար վասն մեր ավելցնելը. 99-րդ կանոնով` եկեղեցւոյ մէջ եփած միս օրհնելը, որ է մատաղը: Իբրեւ հետաքրքրական յիշենք 49-րդ կանոնն ալ, որով եպիսկոպոս ընտրուող քահանային կը հրամայուի երէցկինին կենակցութենէն բաժնուիլ: Մեր նպատակէն դուրս կը սեպենք բոլոր կանոններուն ամփոփումը քաղել, քանի որ մեր եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած չէ Տրուլլեան կամ Հինգվեցեան ժողովը:

516. ՅՈՒՆԱՑ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Կոստանդին կայսր խաղաղութեան մէջ կնքեց իր կեանքը, թէ Արաբներու եւ թէ Աւարներու հետ պատուաւոր խաղաղութեան դաշինք մը հաստատուած, կայսրութեան ներքին եւ զինուորական բարեկարգութեանց ոյժ տուած, եւ դաւանական խնդիրներու լուծմամբը Արեւմտեաններուն օգնութիւնն ու պաշտպանութիւնը պատրաստած ըլլալով: Իրեն յաջորդեց որդին Յուստինիանոս Բ. 685-ին, 16 տարեկան անփորձ եւ խիզախ հասակին մէջ, եւ ուզեց օգուտ քաղել ձեռք անցուցած յաջող կացութենէն, եւ նորէն կայսրութեան սահմանները ընդարձակել: Առանց միտ դնելու հօրը կնքած երեսնամեայ խաղաղութեան, իր իշխանութեան երրորդ տարին, 688-ին զօրաւոր բանակ մը ղրկեց դէպի Արեւելք, Ղեւոնդիոսի հրամանատարութեամբ թէ Արաբական տիրապետութիւնը Հայաստանէն վերցնելու եւ թէ իր քաղաքական եւ դաւանական տիրապետութիւնը Հայոց վրայ տարածելու: Առաջ Հայերը հրաւիրեց, կամովին Արաբացիներէ վտարանջել, բայց անոնք յայտնեցին որ Յոյներէ երբեք զօրաւոր պաշտպանութիւն չեն գտած օտարներու դէմ, եւ զրկանք ու լլկանք կրած են անտեղի բռնադատութիւններով (ՉԱՄ. Բ. 372): Ասոր վրայ յունական բանակը Հայաստան մտաւ, եւ արաբական արշաւանքներու ձեւին հետեւեցաւ, ամէն կողմ ահ ու սարսափ տարածելով, 25 գաւառներ քանդուեցան եւ 8000 տուն Հայ ժողովուրդ գերի տարուեցան (ԱՍՈ. 101), թող ջարդուածները, որոնց թիւը նշանակուած չէ: Հայեր սարսափահար եւ Արաբացիներէն լքեալ, որք երեք խալիֆաներու քաղաքական պատերազմներով զբաղած էին, պարտաւորուեցան Յունական տիրապետութեան գլուխ ծռել, եւ նորէն Բիւզանդական կայսրութեան ազդեցութիւնն ընդունիլ: Աշոտ Բագրատունի նորէն գործի գլուխ անցաւ, եւ արդէն յունական գաղափարներու միտեալ ըլլալով, Յունաց վստահութիւնը գրաւեց: Միւս տարին Յուստինիանոս 40000-ի նոր բանակ մը ղրկեց (ԱՍՈ. 101), եւ իր տիրապետութիւնը ամրացուց, եւ Արաբական գունդերը հեռացուց: Աշոտ 4 տարի պահեց իշխանութիւնը (ՂՆԴ. 38), եւ որովհետեւ էր ճոխ եւ պերճ յիշխանութեանն, առաքինասէր եւ ազնուական, հոգաբարձու ամենայն բարեգործութեանց, եւ փոյթ յուսումնասիրութեան (ՂՆԴ. 36), կրցաւ իր ժամանակին շինութիւններ ընել, եւ երկրին մէջ գեղեցիկ յիշատակ ու համբաւ թողուլ:

517. ԴԱՐՈՒՆԻՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Աշոտի շինարար արդիւնքներուն կարգին յատկապէս կը յիշուի Դարունից եկեղեցին, Բագրատունեաց հայրենական դամբարանը, ուր թաղուած էին Սմբատ Խոսրովշում 445) եւ որդին Վարազտիրոց 477): Աշոտ ուզեց փայլ մը աւելցնել իր նախնեաց յիշատակին, եւ այս նպատակաւ նա շինէր զեկեղեցին Դարունից յիւրում ոստանին (ՂՆԴ. 37), այն է Կոգովիտ գաւառի գլխաւոր քաղաքը, այժմեան Պայազիտի բերդը, որուն ստորոտը կը մնայ Դարոյնք գիւղը, ինչպէս ստուգուած ալ է, արձանագրութեան մը կոտորակի վկայութեամբ (ԱՐԱ. 506): Դարունից եկեղեցին նուիրուեցաւ յանուն Ամենափրկչին, որովհետեւ անոր մէջ զետեղուեցաւ Յիսուսի Փրկչի կենդանագրեալ պատկերը, ի մտիցն արեւու բերուած (ՂՆԴ. 37): Պատմութիւնը մանրամասնօրէն կը յիշէ, թէ պատկերը ճարելու համար Աշոտ իր որդին Սմբատը Կոստանդնուպոլիս ղրկեց, եւ կայսր Յուստինիանոս, ուզելով բարեացակամութեան նշան մը տալ, ընտիր պատկեր մը նուիրեց անոր, եւ որդւոյն ալ պատուոյ աստիճան շնորհելով դարձուց Հայաստան: Այդ եղելութիւնը բացատրուած է Զորս ըստ պատկերի շարականին մէջ, որ ինչպէս Վարդան յայտնապէս կը գրէ, գրուած եւ երգուած է Դարունից Ամենափրկիչ եկեղեցւոյն նաւակատիքին առթիւ, բայց չենք համարձակիր պնդել թէ ինքն Աշոտ ի նաւակատիսն երգեաց (ՎԱՐ. 71), չգիտնալով Աշոտի գրական արժանիքը: Շարականին բացատրութիւնները քերթողական զարդարուն ոճով են գրուած, որով նորերէն ոմանք առիթ ունեցան անոր մէջ դաւանական բարձր իմաստներ տեսնել: Երրորդ տունին մէջ ըսուած է, Կեցո' զորդի ծառայի քոյ, զոր ի Հռոմայ գահիցն վերապատուեցեր, ուր եդին զվէմն հաւատոյ հիման սուրբ եկեղեցւոյ (ՇԱՐ. 502): Այդ շարականին մէջ, ծառայ` Հայոց Եկեղեցին մեկնուեցաւ, որդի ` Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ, Հռոմայ գահ ` եղաւ պապութիւնը, վերապատուեցեր ` կաթողիկոսական իշխանութիւնը, վէմն հաւատոյ` Պետրոս առաքեալ, եւ հիմն սուրբ եկեղեցւոյ` հռոմէադաւան վարդապետութիւնը: Մինչ Աշոտ կը յիշէ իր որդւոյն` Նոր Հռոմի Բիւզանդական կայսրութենէն պատիւ ստանալը, եւ Կոստանդնուպոլիսն ալ կը գովաբանէ, իբր տիեզերական ժողովի գումարման տեղը, ակնարկելով անշուշտ 381-ի ժողովին, որովհետեւ նշան մը չունինք 680-ի ժողովին պատշաճեցնելու: Շարականին ամբողջութիւնը Դարունից եկեղեցւոյն եւ պատկերին պատկանիլը, միւս կտորներէն ալ յայտնի կ՚ըլլայ, թէ շնորհես մեզ կենաց տուող` զկենդանագիր քո ծառայական կերպի, թէ զնորոգեալն ի մէնջ զտաճարս ընկալ քեզ ի բնակութիւն, եւ թէ հիմնափայլեցեր զփառս տանս այս, վերջինս քան զառաջինն (ՇԱՐ. 502): Մեր հռոմէադաւան ազգայինք, որ իրենց նպաստաւոր անհերքելի փաստ մը կը նկատէին այդ շարականը, այլեւս իրենք ալ հասկցած են թիւրիմացութեան ինկած ըլլալնին (ԱՐԱ. 496): Դարունից պատկերը յետ ժամանակաց Հաւուցթառայ վանքը, եւ անկէ Էջմիածնի աթոռը փոխադրուած է:

518. ՅՈՅՆ-ԱՐԱԲ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ

Աշոտ իր իշխանութեան չորրորդ տարին պարտաւորուեցաւ պատերազմի ելլել Պարսկաստանի կողմէն եկող արշաւանքին դէմ, որք առաւելապէս կը նեղէին Խրամ ու Ջուղայ քաղաքներուն, եւ Խոշակունեաց գաւառին կողմերը, զարսն հարկապահանջութեամբ խոշտանգէին. եւ զկանայսն զազրալից պղծութեամբ խորհէին խայտառակել (ՂՆԴ. 38): Այդ ասպատակին թուականը պէտք է դնել 692-ին, երբ տակաւին Պարսկաստանի կողմը կ՚իշխէր Մոզապ, Արաբացի երեք մրցակից խալիֆաներէն մէկը, որ 694-ին սպաննուեցաւ (ՎԵՐ. 307): Այդ միջոցին տակաւին Ապտիւլմելիքի գունդերը Հաճաճ զօրավարի հրամանատարութեամբ, Մոզապի դէմ կը պատերազմէին, եւ որովհետեւ յարեւելից հարաւոյ Տաճիկ զօր եկեալ կը յառաջէր (ԱՍՈ. 102), դժուար է յարձակումը Ապտիւլմելիքի գունդերուն վերագրել, որոնք Ասորիքէ, այսինքն է յարեւմտից կու գային: Ըստ այսմ պէտք է Մոզապի կողմէն կարգադրուած ասպատակութիւն մը ընդունիլ 692-ի արշաւանքը: Աշոտ նախ կրցաւ ցրուել ասպատակող բանակը, բայց Հայերն անխորհրդաբար դարձեալ յաւարն` թուլացան ի հետոց նոցա, եւ թշնամին առիթ գտաւ նոր յարձակում մը ընել Աշոտի շուրջը մնացող պզտիկ գունդին վրայ: Աշոտ մահացաւ վէրք ստանալով` հազիւ կրցաւ Կոգովիտ դառնալ եւ մահիճ ինկաւ, իր ոստանին մէջ մեռաւ, եւ Դարոյնքի մէջ թաղուեցաւ (ՂՆԴ. 39): Աշոտի մահուամբ երկրին կացութիւնը փոխուեցաւ, նորէն Արաբական կողմը սկսաւ զօրանալ, ոմանք ի Հայոց իշխանաց անձնատուրք եղեն զօրացող կողմին, որով Յունական ազդեցութիւնը կը տկարանար: Յուստինիանոս այս անգամ պարտաւորուեցաւ անձամբ գործի գլուխ անցնիլ, եւ առաջին տիրապետութենէն հաշուելով ի գալ չորրորդ ամին, հզօր բանակով Հայաստան եկաւ, եւ մինչեւ Արարտակ լեռը յառաջացաւ (ԱՍՈ. 102), որ ուրիշ տեղ յիշուած անուն մը չէ, եւ անտեղի չէր ըլլար Արարատ կարդալ: Այստեղէն երեք թեւերու բաժնեց իր գունդերը, Հայոց եւ Վրաց եւ Աղուանից կողմերը կատարելապէս նուաճելու եւ հնազանդեցնելու համար: Միանգամայն յիշեալ երեք երկիրներու իշխաններուն հրաւէր ղրկեց իրեն մօտ գումարուելու, որոնք ոչ ի կամաց, այլ ի հարկէ պարտաւորուեցան հրամանին անսալ: Պարսկաստանէն եկող արշաւանքը, պարզապէս աւարառու ասպատակ մըն էր, որ դիւրաւ ետ դարձաւ, եւ նորէն Հայաստան յունական տիրապետութեան անցաւ:

519. ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Յուստինիանոսի հրաւիրած գումարումին նպատակը, թէեւ երեւութիւ քաղաքական, այլ կրօնականն ալ անոր կից էր, եթէ իսկական եւ գլխաւոր նպատակն ալ չըսենք, քանի որ դեռ նոր աւարտած էր Տրուլլեան ժողովը 514), եւ եկեղեցական ծրագիրներով լեցուն էր կայսեր միտքը: Այս երրորդ գումարումն է, որ Հերակլէ ու Կոստանդինէ ետքը, Յուստինիանոսի ձեռքով հաւաքուեցաւ Հայերու եւ Յոյներու միջեւ հոգեւոր հաղորդակցութիւն հաստատելու նպատակով, բայց այս անգամ մեր պատմիչներ, ոչ իրողութիւնը կը բացատրեն եւ ոչ եղելութիւններ կը յիշեն, որով կը պարտաւորուինք յարակից հանգամանքներու մեկնութեամբ կացութիւնը պարզել: Որչափ ալ պատմիչներ կը լռեն, սակայն նկատի առնելով Յունաց կրօնական ձգտումները, կայսրներուն հոգեւորականէն քաղաքական ոյժ քաղելու դիտումը, եւ Բիւզանդական կայսրութեան ուղղութիւնը, անհնարին է Յուստինիանոսի կազմած համախմբութեան մէջ դաւանական նպատակ չտեսնել: Ինչ որ մենք պարագայից ուսումնասիրութեամբ կ՚եզրակացնենք, Տաթեւացին ալ կը հաստատէ, երբ Կարնոյ ժողով մը եղած կը յիշէ` հրամանաւ մեծի թագաւորին Ուստիանեայ, որուն գլուխը գտնուած է կաթողիկոսն Հայոց Սահակ (ՏԱԹ. 544): Բայց այս անգամ վերցուած էր Հերակլի ու Կոստանդինի յաջողութեան հիմնաքարն եղող` միակամեայ վարդապետութիւնը, 680-ի ժողովին որոշումը զրկած էր Յուստինիանոսը այդ դիւրութենէն, եւ Հայերը սրտապնդած էր քաղկեդոնական վարդապետութեան դիմաց, որեւէ զիջողութիւն չընելու, որով բնական էր Յուստիանոսի ձեռնարկին ձախողիլը: Տաթեւացին ալ կը հաստատէ թէ հակաքաղկեդոնիկ եղած է Յուստինիանոսի հաւաքած ժողովին որոշումը, ինչ որ կը գտնենք կանոնագիրքին մէջ ալ, ուր Կարնոյ ժողով մը առաջ բերուած է Յուստինիանոսի եւ Սահակի ներկայութեամբ (ԿԱՆ. 148), զոր այս պարագայէն տարբեր ատեն մը չենք կրնար զետեղել, որչափ ալ տարօրինակ երեւի ժողով մը, որ կը հաւաքուի հրամանաւ մեծի թագաւորին Յուստիանեայ, որ կը հռչակուի իբր նախանձայոյզ օրինացն Աստուծոյ եւ սրբոց առաքելոցն քարոզութեան, ու կը նզովէ եւ զտոմարն Լեւոնի: Դժուար է ընդունիլ թէ Յուստինիանոս ալ համամիտ եղած ըլլայ այս որոշման, եւ պէտք է ըսել թէ ժողովը չհամապատասխանեց Յուստինիանոսի կամքին, եւ չհաւանեցաւ քաղկեդոնիկ դաւանութեան: Յուստինիանոս հարկաւ դժկամակեցաւ եւ բարկացաւ, եւ ասոր յայտնի նշանն է, որ կաթողիկոսն Սահակ, ոչ եւս Եզրի եւ Ներսէսի պէս պատիւներ կը տեսնէ, այլ կայսեր մօտ արգելեալ կը պահուի, եւ պատանդ առնուած իշխաններու ու իշխանաց զաւակներու, եւ հինգ եպիսկոպոսներու հետ աքսորական Կոստանդնուպոլիս կը տարուի: Հարկաւ Ձորոփորեցին այդ նեղութեան չէր ենթարկուեր, եթէ կայսեր կամակատար եղած ըլլար: Իսկ Յուստինիանոս շատ աւելի չի պնդեր իր ձեռնարկին վրայ, իշխաններէն ոմանց պատիւներ եւ ընծաներ կը բաշխէ, Աշոտի տեղ իշխանապետ կը նշանակէ Շիրակայ տէր Ներսէհ Կամսարականը, եւ կաթողիկոսն ու հինգ եպիսկոպոսները եւ իշխանազուն պատանդները մէկտեղ առած Կոստանդնուպոլիս կը դառնայ, հաւանական հաշուով 693-ին սկիզբները: Սակայն իր ընթացքը սկսած էր զզուանք ազդել կայսրութեան մէջ, մանաւանդ երկակամեայ վարդապետութեան պաշտպանութեամբ` միակամեայ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն վրայ գործած բռնութիւններովը եւ իր եղբայրներուն ալ սպանութեամբը: Ղեւոնդիոս Բիւզանդացի, զինուորական շարժման մը գլուխ անցնելով կայսր հռչակուեցաւ 695-ին, եւ Յուստինիանոսի քիթը կտրուելով աքսորուեցաւ ու Խազիրներու մօտ ապաւինեցաւ:

520. ԿԵՂԾ ՍԱՀԱԿԻ ԳՐՈՒԱԾՆԵՐԸ

Սահակի Կոստանդնուպոլիս տարուիլը հազիւ թէ անցողաբար յիշուած է Ասողիկէ (ԱՍՈ. 102), իսկ ուրիշներ բոլորովին կը լռեն, յիշողն ալ ոչ մի բացատրութիւն չի տար, թէ ինչչափ տեւեց եւ ինչպէս վերջացաւ: Սահակի բացակայութեան միջոցին, կաթողիկոսութեան ի՞նչ ձեւ առած ըլլալը, եւ կաթողիկոսարանի վարիչ կամ տեղակալ մը գտնուիլն ալ, բոլորովին անյիշատակ թողուած պարագաներ են: Հաւանականագոյն ենթադրութեան հետեւելով մենք կը կարծենք, թէ Հայաստանի մէջ կաթողիկոսական աթոռը յատուկ տեղակալ չէ ունեցած, եւ կաթողիկոսարանին մէջ գտնուող եպիսկոպոսներու ձեռօք ընթացիկ գործերը հոգացուած են, իսկ Սահակ ազատած կ՚ըլլայ Յուստինիանոսի գահընկէցութեան վրայ, քանի որ Ղեւոնդիոս փոյթ ունեցած է անոր բռնութեանց զոհ գացողներու դիւրութիւններ տալով իր իշխանութիւնը զօրացնել: Այստեղ իբրեւ տեղեկութիւն յառաջ կը բերենք տարօրինակ գրուած մը, որ սրբոյ հօրն մերոյ Սահակայ, Հայոց Մեծաց կաթողիկոսի անունի ներքեւ Յունաց մէջ երեւցած է, եւ հին եկեղեցական հեղինակաց հաւաքածոներուն անցած է 1145 տարւոյ թուականով (ՀՅՐ. ՃԼԲ. 1154): Գրուածը կը պարունակէ առաջին կշտամբողական ճառ մը Ընդդէմ Հայոց որք զնոյն միտս ունին ընդ Եւտիքի եւ Դիոսկորի, եւ ուր 14 գլուխներով կը հերքուին Հայերուն վերագրուած մոլորութիւններ (ՀՅՐ. ՃԼԲ. 1155-1218): Դարձեալ ուրիշ կշտամբողական ճառ մը Ընդդէմ չարափառ եւ հերետիկոս Հայոց, որուն մէջ 29 հերետիկոսութիւններ կը համրուին (ՀՅՐ. ՃԼԲ. 1219-1238), եւ վերջապէս Պատմութիւն զիրաց Հայաստանի, եւ հրահանգ մը, թէ Որպէս պարտ է ընդունիլ զհերետիկոս Հայս (ՀՅՐ. ՃԼԲ. 1238-1266): Մենք նպատակ չունինք ոչ գրութեանց քաղուածը տալ եւ ոչ հերքելու զբաղիլ, միայն Սահակ Գ. Ձորոփորեցի կաթողիկոսին հետ ունեցած յարաբերութիւնները զննել: Արդ, Սահակ անունով Հայոց կաթողիկոս, Ձորոփորեցիէն զատ մէկը չենք կրնար ցուցնել, որովհետեւ Սահակ Դ. Գառնեցին սոսկ աթոռակից մը եղաւ 1624-ին, եւ Սահակ Ահագին, թէպէտ 1755-ին ընտրուեցաւ, բայց օծում չստացաւ եւ աթոռի չանցաւ: Իսկ 1145-ին կաթողիկոսութեան աթոռին վրայ կը բազմէր Գրիգոր Գ. Պահլաւունին: Հետեւաբար յիշեալ գրութեանց հեղինակ Սահակ կաթողիկոս մը, Ձորոփորեցին միայն պէտք կ՚ըլլայ իմանալ: Այդ ենթադրութեան կը ծառայէ եւս դիտել, որ պատմական ճառին մէջ յառաջ բերուած է Հայ կաթողիկոսներու ցուցակը Լուսաւորչէն մինչեւ Իսրայէլ, թէեւ աղաւաղուած անուններով, եւ իւրաքանչիւրին պաշտօնավարութեան տարիներն ալ նշանակուած են: Իսկ Իսրայէլէն ետքը կը դրուի Սահակ Բասակաստրիացի, առանց տարւոյ նշանակութեան, որով տակաւին իբր աթոռի վրայ կ՚իմացուի: Իսկ Բասակաստրիացի անունն ալ, Բասիլ =արքայ եւ Կասդրում =բերդ բառերու թարգմանութեամբ, կրնայ Արքունաշէն գիւղի անունին համեմատուիլ: Նոյն տեղ Հայ դուքսերու կամ իշխաններու ցուցակն ալ կը դրուի մինչեւ Շոտ Բանգրատունեցի 3 տարի ու Ներսէհ Կամսարական 3 տարի, եւ Սիմբատիոս Բանգրատունի անունով կը վերջացնէ, առանց անոր տարին նշանակելու (ՀՅՐ. ՃԼԲ. 1258): Այդ անուններուն մերձեցմամբ ալ յայտնի կը տեսնուի թէ կեղծող հեղինակը 1145-ին գրելով, նպատակ ունեցած է Սահակ Ձորոփորեցիին պատշաճեցնել իր գրուածը: Կեղծող հեղինակը Սահակի բերանը դրած է, թէ ինքն հերետիկոսներու եւ ամբարիշտներու մէջ ծնած ու սնած, աստուածային ողորմութեամբ ճշմարտութիւնը ճանչցած եւ զայն Հայերուն քարոզել սկսած է, բայց անոնք քանիցս ժողով ընելով զինքն սպաննել որոշած են, անոր համար ինքը պարտաւորուած է փախչիլ եւ սուրբ մայրաքաղաքը ապաւինիլ (ՀՅՐ. ՃԼԲ. 1219): Իսկ պատմական յօդուածին մէջ ըսուած է, թէ Սահակ կաթողիկոս Յուստինիանոսի ատեն Կոստանդնուպոլիս երթալով` երկաբնակ վարդապետութիւնը ընդունեցաւ իր եպիսկոպոսներով, բայց երբ Հայաստան դարձաւ, Հայեր սպառնացին զինքն չընդնուիլ, եւ նա նորէն ետ դարձաւ եւ քաղկեդոնականութիւնը նզովեց (ՀՅՐ. ՃԼԲ. 1254): Չենք իմանար, թէ ինչպէս այդ պարագան գիտնալով մէկտեղ, Յոյներ կրցած են Սահակ կաթողիկոսի գրուածը Սրբոյ հօրն մերոյ վերտառութեամբ մակագրել: Գուցէ այդ մակագրութենէն եւ կեղծ գրութենէն խաբուած է Կալանոս ալ, որ Սահակը մինչեւ վերջ անփոփոխ եւ հաստատուն քաղկեդոնիկ կը հռչակէ (ԿԱԼ. 197): Այդ համառօտ քաղուածները ամփոփելով կը տեսնենք, որ Սահակի Կոստանդնուպոլիս գտնուած ըլլալուն յիշատակը, առիթ տուած է անոր մասին սուտ լուրեր եւ անոր անունով կեղծ գրուածներ կազմելու, երբ ԺԲ. դարուն մէջ Յոյներ հետամուտ էին Հայերը իրենց հետ միաբանութեան ստիպելու: Անաւարզեցին ալ այդ կեղծ գրուածներէ խաբուած պիտի ըլլայ, երբ իբր քաղկեդոնիկ կը հռչակէ Սահակը, որ վասն Հայերուն առ Մահմէտ գնաց (ԿԱԼ. 442): Սակայն այս ամէն լուրեր եւ գրուածներ վաւերականութենէ զուրկ են, եւ Սահակի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ քաղկեդոնիկ լինելուն զրոյցն ալ առասպելական է: Բայց եթէ այնպէս ալ ըլլար, ի՞նչ նշանակութիւն կրնար ունենալ աքսորի կամ բանտի մէջ գտնուող կաթողիկոսի մը բռնադատեալ յայտարարութիւնը: Արդէն Սահակի ազատութիւն գտած ատեն` բռնադատեալ յայտարարութենէն ետ դառնալուն խոստովանութիւնն ալ` բաւական է Հայ Եկեղեցւոյն աւանդական վարդապետութեան անխախտ պահպանութիւնը հաստատել:

521. ԱՐԱԲԱՑԻՆԵՐ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐ

Խորհրդածութիւնները փակելով եւ պատմութեան վերադառնալով, ամենահաւանական ենթադրութեամբ կ՚ըսենք, թէ Սահակ, որ Հայաստանի մէջ Յուստինիանոսի բռնադատութեան չհամակերպելով Կոստանդնուպոլիս աքսոր տարուեցաւ, այնտեղ ալ հաստատուն մնաց իր միտքին վրայ, եւ թերեւս նեղութիւններ ալ քաշեց, մինչեւ որ Յուստինիանոսի գահազրկութեամբ եւ Ղեւոնդիոսի գահակալութեամբ ազատութիւն ստացաւ Հայաստան դառնալ: Այս պարագան կը ծառայէ դարձեալ հերքելու Սակս ժողովոց գրուածին այն յայտարարութիւնը, թէ Եզրէ Եղիա բոլոր կաթողիկոսներ հնազանդեալք էին խոստովանութեան Քաղկեդոնի անիծելոյ (ԹՂԹ. 222): Ըստ այսմ Սահակ կը դառնայ 695-ին, իսկ Հայաստան կը շարունակէ Յունաց իշխանութեան ներքեւ մնալ, պատճառ մը չունենալով վտարանջելու Ղեւոնդիոս կայսրէն, եւ ոչ ալ Տիբերիոս Ապսիմարէն կամ Ափսիմերամէն, որ 698-ին Ղեւոնդիոսի դէմ ելաւ, զայն սպաննեց, եւ կայսր հռչակուեցաւ, եւ մինչեւ 705 իշխեց: Ներսէհ Կամսարական որ Յուստինիանոսէ իշխանապետ կամ դուքս անուանուած էր 692-ին, երեք տարի միայն պաշտօն վարեց (ՍԱՄ. 84), եւ այս անգամ Հայաստանի կառավարութեան գլուխը անցաւ Սմբատ Բագրատունի Բիւրատեան, որ Սմբատայ որդի (ՅՈՎ. 119), կամ Վարազտիրոցի որդի (ՂՆԴ. 39) կոչուած է, պարզապէս այն նշանաւոր Բագրատունիներուն սերունդը ըլլալուն, որովհետեւ ինքը Աշոտի որդին էր (ՂՆԴ. 44), Վարազտիրոցի թոռը եւ Սմբատի թոռնորդին: Սմբատի իշխանութեան անցնիլը ժամանակագրական հաշուով 695-ին իյնալով, Յուստինիանոսի գահազրկութեան եւ Սահակի աքսորէ դարձին հետ միեւնոյն տարին հանդիպած կ՚ըլլայ: Անկէ մինչեւ 698 երեք տարի համեմատաբար խաղաղ կառավարութիւն մը վարած կ՚ըլլայ Բիւրատեան, երբ տակաւին Արաբացիք իրենց ներքին պատերազմներով զբաղված էին, եւ Ապտիւլմելիք Մոզապը ընկճելէն եւ արեւելեան գաւառները հնազանդեցնելէն ետքը, կ՚աշխատէր Ապտուլլահն ալ ընկճել եւ հարաւային գաւառներն ալ հնազանդեցնել, ինչ որ հազիւ 698-ին գլուխ հանեց: Հազիւ թէ Ապտիւլմելիք հակառակորդ խալիֆաները ջնջեց, եւ միահեծան տէր եղաւ Արաբիոյ եւ Ասորեստանի եւ Պարսկաստանի, այս անգամ մտածեց Յոյներուն դէմ ելլել, եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը նուաճելու ձեռնարկել, վասնզի չէր ալ կրնար մոռնալ Կոստանդնուպոլսոյ պաշարումէն ետքը կրած մեծ պարտութիւնը, կայսրներուն հարկ վճարելու ստիպուիլը, եւ նոյնիսկ երեսնամեայ խաղաղութեան միջոցին Յուստինիանոսի Հայաստան արշաւելը, եւ զայն յունական կայսրութեան հնազանդեցնելը: Արաբացւոց եւ Հայոց մէջ ատեն մը բարեկամական յարաբերութիւններ մշակուած էին Թէոդորոս Ռշտունիի ձեռքով, եւ Ներսէս կաթողիկոս ալ վերջիվերջոյ այս կողմը հակած էր: Բայց բարեացակամ տեսակէտը չէր շարունակեր այլեւս, յորմէհետէ Հայեր կայսրութեան կողմը անցեր եւ Յունաց հետ համերաշխ կը գտնուէին: Իրաւ Հայեր Արաբացիներէ անօգնական յունական բանակին առջեւ տեղի տուած էին, սակայն ամիրապետը չէր կրնար կամ չէր կամենար այդչափ նուրբ տարբերութիւններով զբաղիլ: Հայաստան կայսրութեան գաւառ եղած էր, եւ իբր կայսրութեան գաւառ, եւ կերպով մըն ալ իբր իրենց տիրապետութենէ վտարանջած երկիր, Արաբական բանակին վրիժառութեան ասպարէզ դարձաւ: Մենք պէտք չունինք ամիրապետութեան եւ կայսրութեան միջեւ տեղի ունեցած ամէն դիպուածները քաղել, այլ միայն Հայաստանի իրողութիւնները պատմել, քանի որ մեր եկեղեցին միշտ բախտակից եղած է երկրին կացութեան:

522. ՄՐՈՒԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Ապտիւլմելիք ամիրապետին հրամանով Հայաստանի վրայ առաջին եկողն եղաւ նոյնինքն Մուհամմէտ-պին-Մրուան, ամիրապետին եղբայրը (ՎԵՐ. 319), որ առաջ կայսեր հետ բանակցութեան մտաւ, եւ թշնամութեան առիթ նկատելով` կայսեր կողմէ արաբական ոսկիներուն մերժուիլը, պատերազմի սկսաւ: Մեր պատմիչներ կրկին անուններով երբեմն Մրուան եւ երբեմն Մահմէտ կը կոչեն միեւնոյն անձը (ՅՈՎ. 119-120), եւ իրեն ոստիկան անունն ալ կու տան, որ կուսակալի իմաստով գործածուած է հայերէն գրութեանց մէջ: Մրուան երկու տարիի չափ Հայաստանի եւ շրջակայից մէջ գործեց, 698-էն 700, ամէն կողմ աւերած եւ կոտորած սփռելով, սկսելով Մոկաց նահանգի Ջերմաձոր գաւառէն (ՂՆԴ. 40), որ է Վանայ Շատախը: Ով որ դէմ ելլէր կը ջարդէր, վանք ու եկեղեցի կը կողոպտէր, նախարարական տուները կը մերկացնէր, բերդեր ապաւինողները սուտ վստահութիւններով դուրս կը հանէր, այրերը կը սպաննէր, կին ու տղայ իբրեւ գերի կը վաճառէր, եւ այնչափ նեղութիւն կը պատճառէր, որ առիթ կու տար երանել զմեռեալսն` որք խաղաղական հանգստեամբ յաշխարհէս փոխեցան (ՂՆԴ. 40): Մուհամմէտ-պին-Մրուանի ժամանակին գործերէն երկուքը իբրեւ նմոյշ կը պատմուին: Գեղամայ լիճին կամ ծովակին Սեւան կղզին, որ ամուր բերդ էր եւ շատերու ապաստանարան եղած էր, երկու տարի դիմացաւ Արաբացւոց յարձակումներուն, բայց վերջապէս գրաւուեցաւ Մուհամմէտէ, որ զծովն Գեղամայ արձակեաց (ՍԱՄ. 85), բայց չենք իմանար թէ ինչպիսի հնարք էր գործածածը. գուցէ լաստափայտերով եզերքէն մինչեւ կղզին ցամաքի նման ճամբայ պատրաստեց: Բոլոր Սեւան ապաստանող բազմութիւնը գերի տարուեցաւ, դիզուած գանձեր կապուտ ու կողոպուտ եղան, եւ ամրոցը սպառսպուռ քանդուեցաւ (ՅՈՎ. 119): Երկրորդ խուժդուժ գործը կատարուած է ի վերայ ուխտին Սրբոյն Գրիգորի (ՂՆԴ. 41): Պատմաբանը կը ճշդէ թէ Բագրեւանդայ Ս. Գրիգորն էր, որ է Բագաւանի Ս. Յովհաննէսի վանքը, եւ եղելութիւնը կը յետաձգէ 750-էն ետքը Եզիտի ոստիկանութեան միջոցին (ՅՈՎ. 138), այլ մենք կը նախադասենք Ղեւոնդի ժամանակագրութիւնը պահել: Արաբացի գունդեր այնտեղէն անցած ատեն, կը տեսնեն զվայելչութիւն երեւելի եւ պատուական սպասուցն, որ ի նմա ամբարեալ թագաւորացն, իշխանացն եւ նախարարաց աշխարհիս, եւ կողոպտելու իրաւունք կազմելու համար, զծառայ մի իւրեանց կը խեղդեն եւ խորտփիտ մը կը ձգեն, եւ իբր թէ գտնելով վանականներուն վրայ կը նետեն սպանութիւնը, եւ բոլորն ալ բանտարկելով Մուհամմէտէ հրահանգ կը խնդրեն տրուելիք պատիժին վրայ: Ոստիկանը կը հրամայէ, ըստ կամաց իւրեանց դատել զնոսա, եւ զինչս եկեղեցւոյն վտարել յաւարի: Այս հրամանը ընդունող Արաբացիներ աւարի հրամանը անմիջապէս գործադրեցին, եւ վանականներն ալ բանտէ հանելով ուրացութեան հրաւիրեցին, ըստ իսլամական սովորութեան, եւ ասոնց յանձն չառնելուն վրայ, նախ ծայրակոտոր առնէին զոտսն եւ զձեռսն, եւ յետոյ զփայտէ կախեալ կը մեռցնէին: Պատմիչը կ՚օրհնէ անոնց յիշատակը, որ խաչակից եղեն Քրիստոսի եւ ընդ նմա թագաւորեսցեն (ՂՆԴ. 43), եւ որոնց թիւը քառասուն է եղած (ՎԱՐ. 71) կամ աւելի քան զքառասուն, որք ընդ մարտիրոս գրեցան (ՅՈՎ. 140): Աղիողորմ ողբ մըն ալ հիւսուած է եկեղեցւոյն լքման եւ պաշտամանց դադարման համար: Ղեւոնդի ըսածին համեմատ` եղելութիւնը տեղի ունեցաւ Մուհամմէտ ոստիկանին իշխանութեան երկուց ամաց լրանալուն ատենները (ՂՆԴ. 41), որ է ըսել 700 թուականին:

523. ԱՐԱԲԱՑԻ ՈՍՏԻԿԱՆ

Մուհամմէտ-պին-Մրուան իրեն յանձնուած գործը աւարտած, եւ Հայաստանը Արաբացւոց տիրապետութեան ներքեւ անցուցած, կրցաւ փառօք Դամասկոս դառնալ, իր եղբօր Ապտիւլմելիք ամիրապետին մօտ, Հայաստանի վրայ կուսակալ կամ ոստիկան նշանակելով Աբդլլա, կամ աւելի ճիշդ, Ապտուլլահ անուն զօրավարը, որուն օգնական պիտի ըլլային Սմբատ Բագրատունի Բիւրատեան, իբր հայագունդին սպարապետ եւ Սահակ Ձորոփորեցի կաթողիկոսն ալ` իբրեւ կրօնական եւ կրօնքի յարակից կենցաղական գործերու վարիչ: Մուհամմէտ, թէպէտ ոստիկան կամ կուսակալ կոչուած է (ՅՈՎ. 119), սակայն նա գլխաւորապէս աշխարհակալութեան նպատակով պատերազմող մը եղաւ, որով տիրապետութեան լրանալէն ետքը, իբր առաջին կուսակալ կամ ոստիկան կամ ամիրա կը նկատուի Ապտուլլահ, եւ անկէ կը սկսի Արաբացւոց կամ Հագարացւոց կամ Իսրայելացւոց կամ Սարակիանոսաց վերջնական տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ: Թէպէտ կանուխէն ալ տեսանք Արաբացւոց իշխանութիւնը Հայաստանի վրայ տարածուած, նոյնիսկ Ներսէս Իշխանցիին կաթողիկոսութեան օրերէն, սակայն ոչ կանոնաւոր եւ ոչ տեւական տիրապետութիւն էր այն, այլ Յունաց տիրապետութեան հետ մրցում մը, եւ Հայոց կողմէն մէկէն միւսին հովանաւորութեան ներքեւ մտնելու երերուն փոփոխութիւն մը, դիպուածներու փոփոխութեան համաձայն: Արաբական հաստատուն տիրապետութեան թուականն ալ կրնանք ուրեմն 700-ին դնել, երբ առաջին անգամ պարզապէս կուսակալ մը պաշտօնի կը կոչուի ամիրապետին կամ խալիֆային կողմանէ: Իսկ Արաբական տիրապետութեան ձեւին մասին գաղափար մը կազմելու համար, պէտք է դիտել, որ Արաբացիք քաղաքական եւ կենցաղական օրէնքները, պարզապէս իրենց կրօնական կամ իսլամական սկզբունքներուն վրայ հիմնած ըլլալով, անհնարութեան մէջ կը գտնուէին իրենց օրէնքներով քրիստոնեայ հպատակները կառավարել, եւ պարտաւոր կ՚ըլլային ներել որ քրիստոնեայք իրենց կրօնական սկզբունքներուն համեմատ կառավարուին, եւ առ այս պէտք կ՚ունենային քրիստոնեայ պետի մը յանձնել այդ գործերուն վարչութիւնը: Ըստ այսմ Արաբացի ոստիկանները չէին կրնար անմիջական ազդեցութիւն եւ մասնակցութիւն ունենալ հպատակ քրիստոնեաներու կեանքին ու կենցաղին վրայ, իրենք կը բաւականանային հարկերը հաւաքելով, եւ երկրին զինուորական պաշտպանութիւնը կատարելով:

524. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԻ ԿԵՐՊԵՐ

Այստեղ միջանկեալ կերպով պէտք է յիշենք, որ Հայերէն լեզուին մէջ` շատ ընդարձակ եւ շատ անորոշ իմաստ մը կը պարտաւորուինք տալ քաղաքական բառին, որ մեր մէջ անխտիր կը գործածուի, եւրոպական ճշդաբանութեամբ զատուած եւ որոշուած` politique ne civi ու municipal բառերու տեղ, որոնցմով կը տարորոշուին` քաղաքական-պետական ու քաղաքական-կենցաղական ու քաղաքական-տեղական վարչութիւններ եւ գործեր: Այդ վերջինը, այսինքն տեղական-քաղաքական վարչութիւնը, հիներուն ծանօթ ճիւղ մը չէր, որով միւս երկուքին վրայ ամփոփուած ատեննիս կրնանք ըսել, թէ իսլամ Արաբացիք միայն պետական-քաղաքականը պահած էին իրեն ոստիկաններուն, այսինքն է ելեւմտական եւ զինուորական վարչութիւնները, իսկ կենցաղական-քաղաքական կը յանձնէին քրիստոնեայ անձերու, տեսակ մը ներքին ինքնավարութեան իրաւունքով: Ասոնք առաջ պատրիկ անունը կը կրէին յունական կոչմամբ, բայց վերջէն ամիրապետներ դժուարութիւն չքաշեցին թագաւոր անուն եւ պատիւ եւ հանդերձանք ալ տալ անոնց, ելեւմտական եւ զինուորական բարձր վարչութիւնը միշտ ոստիկաններու ձեռքը պահելով: Այդ վերջին ձեւով է որ Բագրատունեաց եւ Արծրունեաց եւ Կարուց թագաւորութիւններ ստեղծուած պիտի տեսնենք առաջիկային մէջ: Նոյնին մէկ ուրիշ տեսակ գործադրութիւնը եղաւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներուն դիրքը, Օսմանեանց տիրապետութեան ներքեւ: Իսկ Ապտուլլահ ոստիկանի մօտ առաջին անգամ պատրիկի պաշտօն վարողը մնաց Սմբատ Բիւրատեան, որ 695-ին գործի գլուխ անցած էր կայսերական անուանմամբ, իր միանգամայն պահուեցան Սահակ կաթողիկոսին իրաւունքները, ինչպէս որ կաթողիկոսութեան գահակալները կը վարէին սկիզբէն ի վեր, եւ որուն մաս կը կազմէր դատական իշխանութիւնը, եկեղեցական, ընտանեկան, ամուսնական, ժառանգական եւ բարոյական շրջանակներու մէջ:

525. ԴԱՒԻԹ ԴԸՒՆԵՑԻ

Աբդլլա կամ Ապտուլլահ ոստիկան կը ներկայանայ իբրեւ այր ժանտ, ժպիրհ եւ ապերասան, եւ յաւէտ չարաբարոյ, որ զկեղծաւորութիւն իբրեւ զթոյնս իժի յինքն բունեալ ունէր: Նա նպատակ ունեցաւ Հայերուն ներքին ոյժը ջախջախել, ճնշելով գլխաւոր նախարարները, եւ այս նպատակով կալանաւոր կապանօք չարչարէր զիշխանս եւ զազատս աշխարհիս, միւս կողմէ Հայերը աղքատացնել եւ միջոցներէ զրկելու համար յաւարի առնոյր զկարասի եւ զստացուածս բազմաց (ՅՈՎ. 120): Կրօնական հալածանքն ալ իբրեւ պատճառանք կը գործածէր այդ նպատակը իրագործելու, եւ այս կերպով կը կարծէր տեւական եւ անհակառակ տիրապետութիւն հաստատել Հայաստանի վրայ, հոգ չէր որ երկիրը անապատանար, եւ աւերակաց վրայ թագաւորէր ամիրապետը: Ապտուլլահի կրօնական հալածանքին գլխաւոր զոհն եղաւ Սուրհան-Դաւիթ, որուն դարձը պատմեցինք 505), որ եւ Ձագ գիւղէ փոխադրուած էր Դուին քաղաքը իր ընտանեօք: Ապտուլլահի լուր տրուեցաւ, թէ նա նախկին իսլամ մըն էր` իր հաւատքը ուրացած, ինչ որ իրենց օրէնքով մահապարտութեան արժանի գործ կը համարուէր: Դաւիթ փնտռուեցաւ եւ ատեան հանուեցաւ, եւ իր առաջին կրօնքին դառնալու հրաւիրուեցաւ, եւ երբ չհաւանեցաւ, չարաչար հարուածովք եւ կապանօք եւ բանտիւ բռնադատութիւններ եղան բաւական օրեր, խաչի նշան մըն ալ առջեւը տրուեցաւ, ու կոխոտել հրամայուեցաւ, բայց Դաւիթ մինչեւ վերջ անխախտ մնաց իր քրիստոնէութեան վրայ, իր կնոջ կողմանէ ալ քաջալերական խօսքեր լսելով: Վերջապէս խաչի վրայ մեռցնելու վճիռը տրուեցաւ, եւ Ս. Սարգիս վանքին դրան առջեւ, բեւեռակապ խաչուեցաւ, եւ սիրտին ու կուշտերուն նետահարուելով հոգին աւանդեց: Դաւիթ` Դըւնեցի կը կոչուի իր վերջին բնակութեան տեղէն առնուելով, թէ ոչ ծննդեամբ Պարսկաստանի Խորասան գաւառէն է եղած: Նահատակութեան ատեն ծերունի կը կոչուի (ՅՈՎ. 120), զի իր դարձէն իբր 35 տարիներ անցեր էին, եւ եթէ 25-30 տարեկան էր դարձին ատեն, վաթսունեամեայ նահատակուած կ՚ըլլայ: Մարտիրոսութեան թուականը, տեղ մը ըսուած է 676 արեգի 23 աւագ Զատկի Երկուշաբթին (ՅԱՅ. 480), ուրիշ տեղ 693 եւ Հայոց 142, արեգի 23, կամ Մարտի 31, նոյնպէս Երկուշաբթի աւագ Զատկի (ՎՐՔ. Զ. 228), ուրիշ տեղ ալ պարզապէս արեգի 23 (ՅԱՍ. Ա. 143), սակայն այս ամէն պարագաներ իրար չեն գրկեր, շարժական տոմարի հաշուով, որ այն ատեն կը գործածուէր: Այս եղելութեան միջոցին արեգը Յունուարի սկիզբները կ՚իյնար, որ ատեն Զատիկ չի կրնար տօնուիլ, թուականն ալ ոչ 676 եւ ո'չ 693 կրնայ ենթադրուիլ, որ ատեն ոստիկաններու վարչութիւնը տակաւին սկսած չէր: Հաւանականագոյն է 701 Ապրիլ 4-ին դնել, Զատկին երկրորդ օրուան յիշատակութիւնը պինդ բռնելով, եւ արեգի ԻԳ թուականը մարգաց Գ փոխելով, գրչագիրներու եւ թուատառերու շփոթութեան դիւրամատոյց մեկնութեան կերպով: Սարգիս Ամատունեաց եպիսկոպոս, եւ Մուշեղ ու Արտաւազդ Մամիկոնեան իշխաններ, ոստիկանին արտօնութեամբ փառաւոր յուղարկաւորութիւն ըրին Սուրհան Դաւիթի, եւ Մախոժ-Յիզտիբուզտի գերեզմանին քովը թաղեցին, Դուինի Ս. Գրիգոր կաթողիկէին մօտը 364), Դաւիթի խաչն ու սիրտը խոցող գեղարդն ալ գնեցին, եւ առաջինը Դուինի եւ երկրորդը Ձագ գիւղի հաւատացելոց բարեպաշտութեան ընծայեցին:

526. ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ

Ապտուլլահ իր բռնութիւնները շարունակելով աւելի ծանր ձեռնարկներու համարձակեցաւ, ու նոյն իսկ Սահակ կաթողիկոսն ու Սմբատ պատրիկը, կապեալ ի շղթայս տայր տանել ի Դամասկոս (ՅՈՎ. 120), հարկաւ իբրեւ ծանր յանցաւորներ եւ վտանգաւոր անձնաւորութիւններ` ամիրապետին ատեանին յանձնելով: Պատմիչներ եղելութիւնը կը յիշեն, առանց շարժառիթներուն եւ պարագաներուն վրայ բացատրութիւն տալու, եւ կ՚երեւի թէ այս երկուքէն զատ ուրիշ նախարարներ ալ միատեղ ղրկուեցան, որովհետեւ գրուած է թէ կալաւ զիշխանսն Հայոց եւ խաղացոյց ի Դամասկոս (ԱՍՈ. 103): Եթէ պարագաները ուսումնասիրելով օրէն է պատմական դատարկները լրացնել, իրաւունք կը կարծենք ունենալ ըսելու, թէ որովհետեւ Ապտուլլահ առհասարակ զամենայն եկեղեցիս Քրիստոսի ի բոլոր զարդուց կապուտ կողոպուտ թողոյր, եւ յարտօսր կականման եւ ի սուգ եւ ի տրտմութիւն զծերս եւ զտղայս բերէր (ՅՈՎ. 120), հարկաւ Սահակ ու Սմբատ պարտք զգացին ոստիկանին անիրաւութեանց դէմ գանգատիլ, եւ բողոքի ձայն բարձրացնել, եւ մինչեւ իսկ եկեղեցիներու եւ խեղճերու պաշտպանութեան համար դիմադրութեան միջոցներ ձեռք առնուլ, ինչ որ չէր կրնար Ապտուլլահի հաճոյ ըլլալ: Ուստի, անոնց ձայնը լռեցնելու համար, կրնար իբրեւ պետութեան թշնամիներ, եւ յունական ազդեցութեան պաշտպաններ ներկայել կաթողիկոսն ու պատրիկը, եւ իբր ապստամբներ կամ ապստամբութեան գրգռիչներ` զիրենք Հայաստանէ հեռացնել, եւ ձերբակալելով Դամասկոս աքսորել, կամ ամիրապետին ատեանին յանձնել պարտուպատշաճ կերպով պատժելու համար: Եղելութիւնը կրնանք դնել 702 տարին: Երկու գլխաւոր աքսորեալներէն, միայն Սահակի համար կը կարդանք թէ Դամասկոս հասած է, թէ այնտեղ ի կապանս էր (ՎԱՐ. 71), եւ կը պահուէր իբր ի պատանդս (ԱՍՈ. 103): Իսկ Սմբատի Դամասկոս հասնիլը տեղ մը գրուած չէ, այլ անմիջապէս կը տեսնենք, որ կը գտնուի Ռշտունեաց գաւառը (ՂՆԴ. 48), Արաբացւոց հետ պատերազմի բռնուած: Այդ պարագան է որ բոլոր նոր պատմագիրներու ըսել կու տայ, թէ Սմբատ կրցաւ իր կապանքներէն ազատիլ, եւ աքսորէն փախչիլ, նոյնիսկ աքսորավայրը չհասած: Մենք ալ կը համաձայնինք այդ բացատրութիւնը ընդունիլ: Միայն դիտելու արժանի կէտ մը կը նկատենք, թէ Ապտուլլահի վերագրուած այսպիսի մեծ անիրաւութիւն մը, եւ զոր յայտնապէս կը գրեն Պատմաբան ու Ասողիկ ու Վարդան, բնաւ Ղեւոնդէ յիշուած չէ, որուն կը հետեւի եւ Կիպրոս, այնպէս իմն ցուցնելով, թէ Սահակ երբեք Հայաստանէ հեռացուցուած չէ: Որչափ ալ գնահատելի ըլլայ Ղեւոնդի հեղինակութիւնը, սակայն միւս երեքն ալ չէին կրնար անգոյ զրոյց մը իբր եղելութիւն աւանդել:

527. ԳՈՒԿԱՆՔԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Սմբատ Բիւրատեան Ապտուլլահի բռնութենէն եւ Դամասկոսի աքսորէն ազատած, շունչը առաւ Վանայ ծովակին հարաւակողմը Մոկաց եւ Ռշտունեաց լեռնային գաւառները, եւ հոն սկսաւ դիմադրութեան շարժումներ կազմակերպել, եւ Արաբացւոց դէմ ելնելու պատրաստուիլ: Սմբատի ձայնը ընդունելութիւն գտաւ, վասնզի Ապտուլլահ խորհուրդ մը յղացած էր, բառնալ զազատախումբ տոհմն յաշխարհէս Հայոց, հանդերձ նոցին հեծելովք, եւ նենգաւոր հրաւէրներ կ՚ուղղէր այդ նպատակով: Սակայն Սմբատ զգայր զդաւաճանութիւնն, եւ այս կերպով այլոց նախարարաց եւ նոցին հեծելոց եւս յայտնեցաւ նենգութիւն նորա, եւ բաւական շարժում մը սկսաւ Վասպուրականի կողմերը (ՂՆԴ. 43): Ապտուլլահ հարկ տեսաւ շարժումին առջեւն առնել, եւ արաբական գունդ մը ղրկեց Վասպուրական, որ Սմբատի գունդին հետ զարնուեցաւ Ռշտունեաց գաւառի Գուկանք գիւղին մօտ, եւ յաջողութիւնը Հայոց կողմը եղաւ, որոնք թշնամիները ի սուր սուսերի մաշեցին, եւ միայն 280 հոգի Գուկանքի եկեղեցին ապաստանեցան, եւ անոր մէջ ամրացան: Հայերը տեսնելով որ ոչ կարացին ստնանել եկեղեցի-ամրոցին դէմ, ուզեցին եկեղեցիին կրակ տալ, բայց Սմբատ ընդդիմացաւ, յայտարարելով թէ յաղթութիւնը պարգեւող Աստուծոյն բնակարանին ձեռնամուխ լինել` ապիրատութիւն է, եւ գոհացան խիստ պաշարումով անձնատուր ըլլալու ստիպել: Ասոր վրայ պաշարեալներուն գլխաւորներէն մէկը հաշտութեան համար բանագնաց եկաւ, յիշեցնելով թէ ազգ քրիստոնէից ողորմած է, բայց Սմբատ մերժեց առաջարկը ըսելով, իսկ դուք ազգ անողորմ էք: Մարդը խնդրեց գոնէ զինքն չխողխողել, եթէ միւսները համոզէ անպայման անձնատուր ըլլալու: Հայեր հաւանութիւն յայտնեցին եւ Գուկանքի եկեղեցին ապաւինողները դուրս ելլելնուն պէս խողխողեցին, իսկ բանագնացութեան եկողը կենդանւոյն յուղարկեցին ի խորս ծովուն (ՂՆԴ. 49), այսինքն է` չխողխողեցին, այլ Վանայ ծովակին մէջ խեղդեցին:

528. ՎԱՐԴԱՆԱԿԵՐՏԻ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆԸ

Այդ յաղթութենէն ետքը ուրիշ նախարարներ ալ քաջալերութիւն առին, գոնէ մարթասցին զանձինս ապրեցուցանել, եւ որոշեցին գնալ յաշխարհէս առ թագաւորն Յունաց, լաւագոյն համարելով բիւզանդական բռնադատութիւնները, քան արաբական հարստահարութիւնները: Սմբատ Բագրատունիի հետ էին Վարդ Ռշտունի Թէոդորոսի որդին, եւ Աշոտ Բագրատունի, եւ 2000 հեծեալներու գունդ մը: Վասպուրականէն ելած ատեննին, Առեստակողմ կոչուած տեղը ճգնաւորէ մը չոգան հարցանել զորպիսութիւն գործոյն, այսինքն ձեռնարկին մասին գուշակութիւն մը ուզեցին, սակայն նա ուրիշ բան չկրցաւ ըսել, բայց եթէ զգուշանալ ի նենգութենէ, եւ աղօթս արարեալ, առաքեաց յիւրմէ: Դէպի յունական սահմանները յառաջելով Երասխը անցան, Արարատայ դաշտը մտան (ՂՆԴ. 44) եւ Ակոռիի մօտ Վարդանակերտ աւանը հասած էին (ՍԵԲ. 148), երբ Նախիջեւանի արաբական գունդը ետեւէն հասաւ 6000 հեծեալներով, եւ նոյնինքն Ապտուլլահի հրամանատարութեամբ: Հայերը փութացին պատգամաւոր ղրկել, թէ քանի որ իրենց երկիրը, բնակութիւնները, այգիները, անտառները ու անդաստանները թողած կը մեկնին, գոնէ անձերնուն չդպչին եւ թող տան որ անցնին երթան: Սակայն ոչ կամեցան լսել զօրքն Իսմայէլի: Այն ատեն Հայերը Վարդանակերտի փողոցները ամրացուցին, եւ գիշերը հսկումով ու առաւօտը պատարագով եւ հաղորդուելով նահատակութեան պատրաստուեցան (ՂՆԴ. 45): Բայց յաջորդ օրը այնպիսի արիութեամբ կռուեցան, որ իրենց երկու հազարով թշնամւոյն վեց հազարները սատակէին ի սուր սուսերի: Հայոց յաջողութեան նպաստեց եղանակն ալ, քանզի էին աւուրք ցրտաշունչ սառնամանեաց, եւ Արաբացիք, որ զգիշերն ամենայն ի վերայ ձեան օթագայեալ էին, ոյժ չունէին զէնք շարժելու, եւ իրենց փախստականներն ալ սառած Երասխի վրայ վազելով խորոց մատնէին` խորտակեալ պաղին: Իրենցմէ 300 հոգի մազապուրծ փախչելով ապաւինեցան Շուշանի ապարանքը, որ տիկին է կոչուած (ՂՆԴ. 46), իբր տանուտէր Վահան Կամսարականի դուստրը, եւ տեղւոյն տիրուհին: Տիկին Շուշան անոնց համար բարեխօս կանգնեցաւ Սմբատի առջեւ, որպէսզի իր հիւրընկալութիւնը դաւաճանուած չըլլայ: Եւ ոչ միայն պահեց պահպանեց, այլեւ անոնց մէջէն որոնք կը տեսնէր մերկս եւ բոկս, զգեցուցանէր հանդերձիւք, եւ որոնք կը տեսնէր վիրաւորս, պատէր զվէրս եւ ողջացուցանէր (ՂՆԴ. 46): Վարդանակերտի պատերազմը պէտք է ուրեմն դնել 703-ի Յունուարին, որ է սաստիկ սառնամանեաց ամիսը Արարատի դաշտին վրայ: Միեւնոյն ատեն Կամսարական Ներսէհ եւ ուրիշ ազատներ ալ Վանանդի մէջ արաբական ուրիշ գունդ մի կոտորեցին սպառսպուռ, այնպէս որ գրեթէ բնաջինջ կոտորումը կը լինէր Հայաստանի մէջ գտնուող արաբական բանակին, եւ ինքն Ապտուլլահ ոստիկանն ալ փախստեայ անցեալ գնայր առ ամիրապետն իւր: Վարդանակերտի կոտորածը այնպէս սաստիկ տպաւորութիւն գործած էր Արաբացւոց վրայ, որ Պատմաբանի գրածին համեմատ սովոր էին ըսել, թէ Վարդանակերտ առին մի յիշեսցի մեզ (ՅՈՎ. 121):

529. ԱՐԱԲԱՑՒՈՑ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Հայեր այս յաղթութեան վրայ, յղփացեալ յաւարէ թշնամեացն, եւ իբր թէ ի սպառ Արաբացւոց տիրապետութենէն ազատած ըլլային, աւարամասէն բաժին կը հանէին Յունաց կայսեր, որ Տիբերիոս Ապսիմարն էր, եւ ընտիր տաճիկ նժոյգներ եւ արաբացի սպանեալներու քիթեր ընծայ կը ղրկէին Կոստանդնուպոլիս: Կայսրն ալ այդ ընծաները իբր հպատակութեան առհաւատչեայ ընդունելով, շնորհակալութիւններ եւ պատիւներ կը փոխարինէր, եւ կուրապաղատի աստիճան եւ պաշտօն կը շնորհէր Սմբատի, որ հայագունդն ալ մէկտեղ առած կ՚երթար ամրանալ Տայոց գաւառը, իրեն կեդրոն ընելով Թուխարք ամրոցը, եւ պաշտպանողական պատրաստութիւններ կը կարգադրէր (ՂՆԴ. 47): Բայց միւս կողմէն Ապտիւլմելիք ամիրապետ եղածը լսելով, եւ Հայերուն նորէն գլուխ քաշելը տեսնելով, նոր բանակ կը կազմէր, ահագին բազմութեամբ եւ զօրաւոր պատրաստութեամբ, անոր ալ հրամանատար կը նշանակէր Մուհամմէտ-պին-Ոկբայ նշանաւոր զօրավարը, եւ ճամբայ կը հանէր առնուլ զվրէժս ի Հայոց, հրաման տալով հրդեհել եւ քանդել, կործանել զեկեղեցիս, առհասարակ գերել, եւ կերակուր տալ անողորմ սրոյ (ՅՈՎ. 122): Պատրաստութեանց լուրն իսկ ահուդողի կը մատնէր Հայերը, որոնք իրենց բուռն յուզմանց մէջ կը յուսային յունական կայսրութեան օգնութեամբ նոր եւ լաւագոյն կացութիւն մը պատրաստել, մինչ Ապսիմար կայսր, իր գահին վրայ երերուն, ներքին շփոթութիւններով շրջապատուած, գահազուրկ Յուստինիանոսի եւ Խազիրներու յարձակումներուն վտանգէն սարսափած, աւելի Հայերուն բարեկամութենէն իրեն օգնութիւն կը սպասէր, քան թէ Հայերուն օգնելու կարողութիւն ունէր: Այս վհատեցուցիչ յայտնութիւնները Հայերուն առջեւ ուրիշ ճամբայ չէին թողուր, բայց եթէ նորէն Արաբացւոց հետ հաշտուելու կերպը փնտռել, եւ դիմադրելու ոյժ չունենալով, գթութեան դիմել եւ ողորմութեան ապաւինիլ: Սմբատ ինքն գլուխ կանգնեցաւ այս նոր խորհուրդին, եւ պնդադեսպաններ յղելով փութաց Սահակ կաթողիկոսի միջնորդութիւնը խնդրել, ամէն տեսակ հպատակութեան եւ համակերպութեան եւ հաւատարմութեան երաշխաւորութիւնները առաջարկելով: Այդ տեսութիւնները ամենայն ստուգութեամբ կը քաղուին եղելութեանց զննութենէն, թէպէտ պատմագիրներուն մէջ անոնց բացատրութեանց չենք հանդիպիր:

530. ՍԱՀԱԿԻ ՄԻՋՆՈՐԴԵԼԸ

Սահակ տարիէ մը ի վեր Դամասկոսի մէջ աքսորական, ըլլայ իբրեւ պատանդ, ըլլայ իբրեւ բանտարկեալ, կ՚երեւի թէ նկատառութեան արժանի դիրք մը կը վայելէր ամիրապետին աչքին: Մինչեւ հիմա պատմուած եղելութիւնները ուսումնասիրելով, եւ անոնց մէջ Սահակի վարած դերը նկատելով, անհնար է չտեսնել անոր վրայ պատկառելի եւ կարող եւ ազդեցիկ նկարագիր մը, որ իր ունեցած բարձր դիրքին հետ պէտք էր տպաւորութիւն գործէր իրեն հետ տեսնուողներուն վրայ: Հարկաւ ինքն Ապտիւլմելիք ամիրապետն ալ նոյնը զգացած էր, Սահակը տեսնելով եւ լսելով, քանի որ Ապտուլլահէ ամբաստանուած եւ շղթայակապ ղրկուած ըլլալով հանդերձ, հանդարտ կենցաղ մը ունէր Դամասկոսի մէջ: Մուհամմէտ-պին-Մրուան զօրավարն ալ, ամիրապետին եղբայրը, երկու տարիի չափ Հայաստան եղած ատեն, առիթ ունեցած էր Սահակի արժէքը գնահատել, որուն կողմէն բնաւ դժուարութեան հանդիպած չէր, եւ թերեւս ալ յունականութեան հակակիր զգացումներ լսած էր անոր բերնէն, որ նոր դարձեր էր Կոստանդնուպոլսոյ աքսորէն: Հարկաւ այս եւ նմանօրինակ նպաստաւոր հանգամանաց վրայ հիմնուելով Սահակ համարձակեցաւ միջնորդ կանգնիլ ամիրապետին առջեւ, եւ արտօնութիւն ստանալ Հայաստան դառնալու, որպէսզի Ոկբայի հետ տեսակցելով, առանց արիւն թափելու Հայոց հպատակութիւնը ամրացնէ, եւ անոնց հաստատ հաւատարմութիւնը երաշխաւորէ: Եթէ ամիրապետը հաւանեցաւ Սահակի առաջարկութեան, եթէ վստահեցաւ որ նա իր առաջարկը իրականացնելու կարողութիւն ունի, եւ եթէ Ոկբայ պատերազմի ձեռք չզարկած պատրաստուեցաւ Սահակի հետ տեսակցիլ, պէտք է հետեւցնել, թէ երբ ամիրապետը կ՚արտօնէր Սահակը Հայաստան դառնալ, անշուշտ պարտ ու պատշաճ հսկողութեան ներքեւ, միւս կողմանէ ալ հրաման հասցուցած էր Ոկբայի ետեւէն` բռնական միջոցներու չձեռնարկել, կաթողիկոսին հետ հաշտարար բանակցութիւնները չլրացուցած: Պատմութիւնը կը ցուցնէ թէ երբ Սահակ Դամասկոսէ ելած դեպի Հայաստան կ՚երթար, Ոկբայ ալ Սահակը տեսնելու կու գար, որ է ըսել, բանակին հրամանատարը իր զինուորական արշավանքը կասեցուցած կամ յապաղեցուցած, դէպի ետեւ կը դառնար Սահակի հետ տեսակցելու: Երբոր մէկ կողմէն Սահակի անձին գովեստը կ՚ընենք, պէտք չէ զանց ընենք յիշել Ապտիւլմելիքի ալ մարդասիրական զգացումը` որ հնարաւորութեան սահմանին մէջ խաղաղական միջոցները կը նախադասէր, եւ նկատի առնել Մուհամմէտ-պին-Ոկբայ զօրավարին ալ` արիւնահեղութենէ խուսափելու զգուշաւորութիւնը:

531. ՆԱՄԱԿՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Սահակ կաթողիկոս, երկար պաշտօնավարութենէ յոգնած, բազմապիսի փորձանքներէ անցած, ներքին եւ արտաքին վիշտերով տագնապած, աքսորներով եւ բանտարկութիւններով տկարացած, իրեններուն աղէտներովը տոգորուած, ծերացեալ հասակի հասած, եւ հիւանդագին մարմնով տառապած, ճամբայ կ՚ելլէ Դամասկոսէ, եւ հակառակ իր տկարութեան կը փութայ, կը շտապէ, կ՚աճապարէ օր առաջ Հայաստան հասնիլ քանի որ դեռ Ոկբայ վրիժառու բանակը ոտք չէ կոխած այն երկիրը, զոր աւարելու հրաման ստացած է իր ամիրապետէն: Բոլոր Սահակի ուշնուրուշը գրաւուած է այդ մտածմունքով, թէ ի՞նչ ընէ ի՞նչ խօսի, որ թերեւս հնար լիցի դարձուցանել զնա յանհնարին դառնութենէ մտացն (ՅՈՎ. 122): Բայց քանի կ՚երթայ, աւելի տկարութիւն կը զգայ, իրեն քովիններն ալ կը տեսնեն թէ հիվանդացաւ սուրբ կաթողիկոսն ի հիւանդութիւն մեծ, այնպէս որ երբ կը հասնին Միջագետքի Խառան քաղաքը, այլեւս անհնար կը լինի անոր յառաջել: Սահակ լսած էր որ Ոկբայ ընդ առաջ կու գայ իրեն, ստացած հրահանգին համեմատ հաշտարար բանակցութիւնն ընելու, բայց իր վերջին օրերը մօտալուտ կը տեսնէ, եւ չի յուսար թէ բերանացի խօսելու պիտի հասնի, անոր համար կը նստի եւ գրէ նամակ աղաչանաց առ Ոկբայ իւրով իսկ ձեռամբ (ՅՈՎ. 122), եւ արաբական լեզուով: Այսպիսի փափուկ վայրկեանի մէջ գրուած գիր մը, այնպիսի մեծ կարեւորութիւն մը ունի, որ գոնէ քաղուածը տալ անհրաժեշտ կը սեպենք: - Ազգիս կողմէ, կը գրէ, ղրկուած էի քեզի հետ խօսիլ, եւ ինչ որ նախարարականք եւ ժողովրդականք միաբանեալ խնդրեն քեզ առաջարկել, բայց կեանքերու տէրը, ստիպով յափշտակեաց զիս առ ինքն: Արդ երդմնեցուցանեմ զքեզ ի կենդանին Աստուած, որ ձեր նախահօր Իսմայէլին տիեզերաց իշխանութիւնը խոստացաւ, որ իմ ժողովուրդին արասցես խաղաղութիւն: Անիկա ձեզի պիտի ծառայէ հարկատրութեամբ, եւ պիտի հնազանդի յամենայն սրտէ, սուրդ արիւնի մի' խօթեր, ձեռքդ աւարառութենէ արգիլէ', միայն մեզի ներուի մեր հաւատքը պահել եւ անկէ դառնալու ստիպում չըլլայ: Եթէ առաջարկս կատարես, յաջողեսցէ Տէր զիշխանութիւնդ քոյ, իսկ եթէ չկատարես, Տէր ցրուեսցէ զխորհուրդ քոյ, գործերդ չյաջողին, զինուորներ քեզի դէմ ելլեն, ամէն կողմէն նեղիչներ ունենաս, իշխանութիւնդ հաստատուն չմնայ: Մի անտես առներ զհայցուածս իմ. եւ եկեսցեն ի վերայ քո օրհնութիւնք իմ (ՂՆԴ. 50): Սահակ հրահանգ կու տայ իրեններուն, որ եթէ Ոկբայ չհասած` ինքն մեռնի, նամակը իր ձեռքը տան եւ պահեն, որպէսզի Ոկբայ անձամբ գայ եւ իր ձեռքէն առնէ: Իրաւ ալ Ոկբայի հասնելէն օր մը առաջ Սահակ իր հոգին` կ՚աւանդէ Խառանի մէջ, իրեններ ստացած հրահանգնին կը գործադրեն, բայց Ոկբայ ալ անակնկալ պարագայէն զգածուած, հրաման կը ղրկէ, որ չթաղեն մինչեւ որ ինքն հասնի ու անգամ մը երեսը տեսնէ (ՅՈՎ. 123):

532. ՈԿԲԱՅԻ ԶԻՋՈՒՄԸ

Ոկբայ կը հասնի, եւ վաղվաղակի առ դիապատիկ մարմինն առն Աստուծոյ մտեալ, արեւելեան սովորութեամբ ձեռքը գլուխը տանելով` սէլամ ալէք բառերով կ՚ողջունէ, եւ երբ ուշադրութեամբ նամակը կը դիտէր, ձեռքին շարժուիլը կը տեսնէ, զգածեալ կերպով կը մօտենայ, կ՚առնէ, կը բանայ, կը կարդայ (ՅՈՎ. 123), եւ անգամ մը եւս կը յուզուի, իբրեւ թէ անդիի աշխարհքէն խորհրդաւոր պատգամ մը լսէր: Նամակին խորհրդաւոր օրհնութիւնները եւ սպառնալիքները խորին տպաւորութիւն կը գործեն, կարծես երկնային ձայն մը Հայոց հաւատարմութեան երաշխաւոր ըլլար, այնչափ վստահօրէն կը համոզուի Ոկբայ անոնց կատարեալ եւ անխարդախ հպատակութեան վրայ: Այո', խնդիր քո կատարեալ է, կը պատասխանէ, իբրեւ թէ կենդանի անձի հետ խօսէր (ՅՈՎ. 124), եւ եթէ չկատարեմ, եկեսցեն ի վերայ իմ ամենայն նզովքն, զոր ընթերցայ ի մատենին քում (ՂՆԴ. 52): Հարկաւ բոլոր անոնք ալ որ Սահակ կ՚ուղեկցէին, կամ որ Սահակը դիմաւորելու կու գային, նախարարական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւնք ալ, իրենց կողմէ պէտք եղած յայտարարութիւնները եւ երդումները կրկնեցին ոստիկանին առջեւ, օգուտ քաղելով անոր զգածեալ եւ յուզեալ վիճակէն: Ոկբայ անմիջապէս հրաման տուաւ իր գունդերուն կանգ առնել, եւ պատերազմական արշաւանքը կասեցնել. Հայոց նախարարներուն գրեց որ եղածները մոռացութեան կու տայ` խոստացեալ հաւատարմութեան պայմանով, եւ կը հրամայէ որ ամենքը իրենց տեղերը եւ իրենց գործերուն դառնան, եւ վստահ ըլլան իր խոստումներուն (ՅՈՎ. 124): Մինչեւ իսկ չէր յիշեր ինչ որ էանց ընդ զօրն Տաճկաց ի Վարդանակերտն աւանի (ՂՆԴ. 53): Այսպէս կը վերջանայ այդ նշանաւոր, մինչեւ իսկ նորահրաշ եղելութիւնը, զոր յառաջ բերինք Պատմաբանին գրածին համեմատ, որ հիացմամբ կը փակէ իր խօսքը, թէ այսպէս զմեռելութիւն նորա պատուական արար Աստուած քան զմեր կենդանութիւնս (ՅՈՎ. 124): Ժամանակագրական հաշուով Սահակի մահը եւ նամակին արդիւնքը պէտք է դնել 703 տարւոյ ամառուան միջոցին:

533. ՏԱՐԲԵՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Այդ եղելութեանց մասին, Պատմաբանին տուած էական մասերը պահելով, ինչպէս են Սահակի մահը եւ նորա նամակին ազդեցութիւնը, եւ Ոկբայի հաշտարար կարգադրութիւնները, բաւական տարբեր պարագաներ կը յիշէ Ղեւոնդ, Արաբաց արշաւանքներուն պատմիչը: Արդէն ըսինք թէ Ղեւոնդ բնաւ չի խօսիր Սահակի Դամասկոս տարուելուն վրայ 526), հետեւաբար անոր Ոկբայի հետ բանակցութեան երթալը, որ թէ Դամասկոսէ կը դնէ, այլ թէ յուղարկեցաւ յաշխարհէս, որ է ըսել թէ եկող բանակը դիմաւորելու նպատակով Հայաստանէ մեկնեցաւ` նախարարներուն եւ եկեղեցականներուն աղաչանքով, եւ զոմանս յեպիսկոպոսաց, գուցէ եւ քանի մը նախարարներ, մէկտեղ տանելով խօսիլ ընդ զօրավարին (ՂՆԴ. 50): Խառանի մէջ հիւանդանալը եւ մեռնիլը եւ չմեռած նամակ պատրաստելը յիշելէ ետքն ալ կը յարէ, թէ Ոկբայ հանգուցեալ կաթողիկոսին մօտ չմտած, ուղեկիցներ պատմեցին նմա զկաթողիկոսէն Հայոց, եւ մատուցին առաջի նորա զգիրն: Ասով ձեռքի շարժումին եւ նամակը ձեռքէն առնելու պարագաներն ալ չի հաստատեր, եւ Ոկբայի հիացումը ոչ թէ հրաշալի երեւոյթին հետեւանք կը դնէ, այլ Սահակի մեծհոգի գործին արդիւնք, որ ըստ օրինի քաջ հովուին, ի վերայ հօտին հանգուցեալ, աներկիւղ կը փութար գալ ընդառաջ խրոխտացեալ սրոյ (ՂՆԴ. 52): Պատմութիւնը միեւնոյն կերպով կը քաղէ Կիրակոս ալ (ԿԻՐ. 35), թէպէտ շատեր կը հետեւին Պատմաբանին գրածին: Քննական տեսակէտէն միշտ կը նախադասուին այն պատմութիւնները, որք աւելի բնական պարագաներով կը ներկայանան, քան անոնք որոնք հրաշալի հանգամանքներ կը զգենուն: Ժամանակի մերձաւորութեան տեսակէտէն ալ, Ղեւոնդ դար մը առաջ է Պատմաբանէն, մինչ հրաշալեաց զրոյցներ հետզհետէ կը բարդուին եղելութեանց վրայ, որով նախադասելի պիտի ներկայանար Ղեւոնդի պատմութիւնը, քան Պատմաբանին գրածը: Սակայն նկատելով որ Յովհաննէս Պատմաբան կաթողիկոսի նման լուրջ անձնաւորութիւն մը, Ղեւոնդի պատմութիւնը տեսած ըլլալով հանդերձ, անկէ տարբեր պարագաներ կը յիշէ, եւ թէ ազգային աւանդութեան մէջ նախադասութիւն տրուած է Պատմաբանին գրածներուն, նոր պատմագիրները կը նախադասեն անոր պատմութիւնը ինչպէս եւ մենք ալ ըրինք: Գրիգոր Անաւարզեցին ալ բոլորովին տարբեր պարագաներ կը յաւելու թէ, երբ Սահակ Միջագետք մեռաւ, իջաւ լոյսն ի վերայ, եւ արար զսքանչելիք որ երբ երեկ Մահմէտ, նա դրստեց եւ կարդաց զիւր թուղթն, որ գրեալ էր եւ սաստիւ հրամայեալ: Նա եբաց զհողքն եւ գտաւ անապական, եւ համբուրեաց զաջն, եւ ասաց թէ զինչ հրամայեալ ես, ես առնեմ (ԿԱԼ. 442): Բայց վերջին զրոյցներ են այդ պարագաները, որոնք ոչ մի պատմագիրէ յիշուած չեն, եւ անկապակից ալ են:

534. ՍԱՀԱԿԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Որն եւ ըլլայ Սահակի վերջին գործունէութեան մասին նախադասելի բացատրութիւնը, եւ արաբական վրիժառու ցասումը ցածուցանելու համար, Դամասկոսէ մեկնած ըլլայ թէ Դուինէ, յայտնապէս կը տեսնուի ծերացեալ կաթողիկոսին վրայ բարձր միտքի եւ մեծ սիրտի եւ արի ոգւոյ չնաշխարհիկ նկարագիրը, որ անձնուէր համարձակութեամբ կը դիմագրաւէ, աւեր եւ աւար շնչող ահաւոր բանակի եւ ահեղ հրամանատարի մը բորբոքեալ ցասումին: Իրաւունք ունին մեր բոլոր պատմագիրները, երբոր վերին Նախախնամութեան օրհնառաք աջը կը տեսնեն այդ եղելութեանց մէջ, որ առատն է յաջողել եւ արդիւնաւորել սիրտի ուղղութեամբ եւ միտքի խոհականութեամբ եղած ձեռնարկները: Սահակի այդ պատկառելի նկարագիրը յայտնի տեսնուեցաւ իր կեանքին ամէն մէկ դիպուածներուն եւ արկածներուն մէջ, որ բազմապիսի եւ ծանրածանր պարագաներու առջեւ գտնուելով, երբեք ինքզինքը չկորսնցուց, իր ուղղութիւնը չշփոթեց, եւ իր ազգն ու եկեղեցին չլքեց, այլ փորձանքներուն` փորձանաւոր, գիտցաւ պահել ու պաշտպանել եկեղեցւոյն աւանդական հաստատութիւնը եւ ազգին յարմարագոյն դիրքը: Սահակի վերջին յայտարարութիւնը, որով Արաբացւոց հանդերձ հաւատարիմ հպատակութիւն երաշխաւորելով` Հայաստանը սպառսպուռ կորուստէ ազատեց, Հայոց համար կտակային սկզբունք դարձաւ, եւ դարուց ի դարս մինչեւ մեր օրերը ազգային գոյութիւնը պահպանեց: Միւս կողմէն ինչ որ ԺԲ. դարէն ետքը Սահակի անունով կեղծուեցաւ, մեզի կը հաւաստէ թէ մեծ եղած էր անոր անունը ազգայնոց եւ օտարաց մէջ, եւ կեղծարարներ անոր հեղինակութիւնը կ՚ուզէին շահագործել իրենց խարդախեալ գրուածոց մէջ: Սահակ գրական արդիւնաւորութեան արժանիք ալ ունեցած է, թէպէտ իր անունով շատ երկասիրութիւններ հասած չեն մեզի, բայց այն քիչն ալ որ ունինք` ընտիր գրիչի արդիւնք են: Արմաւենեաց օրուան ճառը, թէ իմաստով եւ թէ հայկաբանութեամբ գնահատելի գրուած մըն է (ՕՁՆ. 185): Խաչի եւ Եկեղեցւոյ շարականները, զորս Տաթեւացի սոյն այս Սահակին կը վերագրէ (ՏԱԹ. 637), մեր եկեղեցական երգերուն ընտրելագոյններն են, թէպէտեւ հնար է մտածել, թէ անոնց մէջ ուրիշներէ գրուածներն ալ խառնուած են, իսկ Սահակէ ընտրողաբար կարգադրուած: Ոկբայի ուղղած նամակն ալ ոճի վեհութեան հետ արաբագիտութեան առաւելութիւնն ալ կը հաւաստէ, քանի որ Սահակ իւրով իսկ ձեռամբ գրեց (ՅՈՎ. 122) եւ Ոկբայ ինքնին ընթերցաւ զգիրն (ՂՆԴ. 51):

535. ՍԱՀԱԿԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Կանոնագիրքին մէջ ունինք 15 կանոններ, որ վերջնոյ Սահակայ Հայոց կաթողիկոսի անունով մակագրուած են (ԿԱՆ. 125), եւ յայտնապէս Ձորոփորեցւոյն կ՚ակնարկեն: Այս տեսակ կանոններ լռելեայն ժողովական հաստատութիւն ալ կ՚ենթադրեն, թէպէտ պատմութեան ընթացքին մէջ բարեկարգական ժողովի մը գումարուելուն յիշատակութիւնը չունեցանք, բայց կանոններուն եկեղեցւոյ պաշտօնական հաւաքածոյին անցնիլը` կը ստիպէ այսպիսի ժողովի մը գոյութիւնը ընդունիլ: Առ այս կը նպաստէ դիտելը, որ կանոններուն գլուխը ըսուած է թէ խնդիրները Յովհաննէս Սիւնական մը առաջարկած է, իսկ անոնց լուծումները կը պատկանին Սահակայ Հայոց կաթողիկոսի եւ նորին աթոռակցաց եպիսկոպոսաց բազմաց (ԿԱՆ. 125): Տեղ մը ժողովի մը յայտնի յիշատակութիւնն ալ կը գտնենք (ՉԱՄ. Բ. 560), որով Սահակէ գումարուած բարեկարգական ժողովի մը իրականութիւնը իբր ստոյգ ընդունուի: Միայն անորոշ կը մնայ տեղն ու ժամանակը ճշդել, բայց հաւանաբար Դուին եղած է ժողովին տեղը, որովհետեւ հոն էր կաթողիկոսական աթոռը, իսկ ժամանակին մասին մերձեցուցմամբ կրնանք դնել զայն Աշոտ Բագրատունիի կուրապաղատութեան միջոցին, 688-էն 692 տարիներուն մէջ, երբ յունական տիրապետութեան ներքեւ, եւ Աշոտի եկեղեցաշէն եւ ազգաշէն ջանքերու շնորհիւ` աւելի դիւրին էր եկեղեցական բարեկարգութեանց մտադրութիւն դարձնել: Սահակի 15 կանոններուն նիւթերը եկեղեցական ծէսերու եւ սրբութեանց շուրջը կը դառնան, եւ գործնական կերպեր կը ցուցնեն` մասնաւոր պարագաներու վրայ: Առջի երկու կանոններուն մէջ եպիսկոպոսներուն կ՚արգիլուի զինուած կերպով պաշտօն վարել, եւ կամ կրօնաւորելու փափաքով իրենց գործը թողուլ: Յաջորդ կանոնը կը ներէ պոռնկեալ եւ ի մեղս մեծամեծս շաղախեալ անձին, քահանայ ըլլալէն ետքը կոչումը շարունակել: Չորս կանոններ ուրկութեամբ կամ բորոտութեամբ ախտացեալներուն համար կը պարզեն այն սկզբունքը, թէ պղծեալ մարմինը արգելք է հոգեւորական հաղորդութեանց: Հոգեհանգստեան պաշտօնները կը յանձնարարէ 15-րդ կանոնով, մինչ 8-րդ կանոնով ալ կ՚արգելու կենդանութեան ատեն հոգեհանգիստ կատարելը: 9-րդ կանոնով կը հրամայէ Կիրակիէ Կիրակի սրբագործեալ հացը նորոգել: Յաջորդող երկու կանոններով եկեղեցիէ դուրս հաղորդ տալու կերպերը կ՚որոշէ` արգելական եւ հիւանդ անձերու, եւ սիւնական կամ խցարգել ճգնաւորներու համար: Տարին մէկ անգամ վրան պատարագ մատուցուող սեղանները իբր շարժական կը նկատէ: Ասորիներու ձեռքով տիկերու մէջ բերուած ձէթը անսուրբ չի նկատեր, թէեւ մեռելոտւոյ մէջ դրուած ըլլան. եւ վերջապէս 14-րդ կանոնով կ՚արգիլէ, օրհնած ձէթին կամ միւռոնին յաւելուած ընել, այլ յամենայն տարւոջ ի հայրապետէն ընդունիլ, ըստ կանոնական հրամանի սրբոյ հօրն Սահակայ (ԿԱՆ. 125-126): Որչափ ալ ծանր նիւթեր չեն Ձորոփորեցիին կանոնագրած կէտերը, սակայն խստապահանջ եւ միանգամայն լայնախոհ միտքի մը սկզբունքները կը պարունակեն:

536. ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Ասոնցմէ զատ ուրիշ ինն կանոններ ալ կան, Սահակի նախագահութեամբ գումարուած Կարնոյ ժողովին կողմէ 519) տրուած, որ նոյնպէս ծիսական կէտերու շուրջը կը յածին: Բայց չենք ուզեր այդ կանոններուն վաւերականութեան վրայ պնդել, վասնզի Կանոնագիրքին յաւելուածներուն մէջ դրուած են, եւ պարունակութիւնը կասկածի տեղի կու տայ: Կանոններուն առաջինը կը հրամայէ Յայտնութիւնը Յունուար 6-ին տօնել եւ ոչ Դեկտեմբեր 25-ին, երկրորդը կը պատուիրէ նոյն օրը ջրօրհնէք կատարել միւռոնաթափով, երրորդը օրհնութեան աւետարանները, եւ չորրորդը ճրագալոյցի ընթերցուածները կը սահմանէ: Յաջորդ երեք կանոններն Յայտնութեան ութօրէքին, եւ Փետրուար 14-ին Տեառնընդառաջի տօնին պատշաճները կը ցուցնեն: Ութերորդ կանոնը կը հրամայէ հաղորդութեան խորհուրդին հացը անխմոր եւ բաժակը անջուր պահել, իսկ վերջին կանոնը պատարագի զգեստաւորութիւնները կը բացատրէ ըստ իւրաքանչիւր աստիճանի, որոնց մէջ դիտողութեան արժանի կէտեր պակաս չեն: Այս կանոններուն մասին կասկածը կը շատնայ տեսնելով, որ այդ կարգադրութիւնները, որք յունական եկեղեցւոյ ընդունելի չեն, նոյնինքն Յուստինիանոսէ հաստատուած կը ցուցուին, եւ անհնազանդներուն կը սպառնացուի, որ ինքնակալին հրամանաւ ընդ թագաւորական պատուհասիւ անկցին (ԿԱՆ. 151):

537. ԴԱՐՈՒՍ ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՆԵՐԸ

Եօթներորդ դարուն փակումը առիթ կ՚ընծայէ մեզ, համառօտ ամփոփում տալ այդ վերջին միջոցին Հայաստանի մէջ երեւցած նշանաւոր անձնաւորութեանց, որոնցմով հինգերորդ դարուն նման, եօթներորդ դարու գրական շրջան մը կը կազմուի: Այդ նոր գործունէութեան իբր առաջնորդ պէտք է նշանակել Կոմիտաս Աղցեցի կաթողիկոսը, որ ինքն ալ ուսումնական եւ զարգացեալ միտքի տէր, յատուկ հոգածութիւն ունեցաւ զարկ տալու մտաւորական շարժումին(§ 451), ուսկից յառաջ եկաւ եօթներորդ դարու Քերթողներու դասակարգը, որ հինգերորդ դարու Թարգմանիչներէն ետքը` մատենագիրներու նոր շարք մը արտագրեց: Մէկէ աւելի եղան Կոմիտասի քաջալերութեան ներքեւ կազմուած եւ բարեկարգուած դպրոցները, ինչպէս Արշարունեաց վանքը, Շիրակայ դպրեվանքը եւ ուրիշներ, բայց ամենէն գլխաւորն եղաւ Սիւնեաց վարդապետանոցը, որ անդստին հինգերորդ դարէն հիմնուած եւ շարունակաբար պահուած դպրոց մըն էր, եւ ի սրբոյն Սահակայ եւ Մեսրոպայ իրաւունքը ստացած էր գլուխ կալ եւ հրամանատար ամենայն վարդապետացն Հայոց (ՕՐԲ. Ա. 155): Ասիկա փաստ կու տայ հետեւցնելու, թէ բոլոր եօթներորդ դարու մատենագիրներ իրենց հմտութիւնը ստացած են նոյն վարդապետանոցին մէջ, թէպէտ յետոյ իրենք ալ իրենց համար մասնաւոր դպրոցներ բացած են, իբր անմիջական միջոց զարգացում տարածելու: Թէպէտ փափաքելի էր, բայց պատմագիրները պրպտելով չենք գտներ Սիւնեաց վարդապետանոցի մեծ վարդապետներուն կամ քերթողահայրերուն ամբողջ շարքը: Կոմիտասի մօտ ատեններ կը յիշուի Մաթուսաղա, որ կ՚ուսուցանէր ի վերայ բարձր եւ ահարկու ամբիոնի րաբունարանին (ՕՐԲ. Ա. 156) եւ հաւանաբար անոր նախորդն էր Վրթանէս Քչկանորդի քերթող վարդապետը, որ տեղապահութիւն ալ վարեց Մովսէսէ ետքը, ընտրութեան յապաղելուն եռամեայ միջոցին: Սիւնեաց եպիսկոպոսներէն ալ թերեւս եղան քերթողահայրութիւն վարողներ, բայց պէտք չէ կարծել թէ երկու պաշտօնները միշտ միացեալ եղած ըլլան միեւնոյն անձի վրայ:

538. ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՅՐԱԳՈՄԵՑԻ

Նշանաւոր անձնաւորութիւնները յիշած ատեննիս, առաջին անգամ դիմացնիս կ՚ելլէ Յովհաննէս Մայրավանեցին, Դըւնայ կաթողիկէին փակակալը, այն որ Եզրի միաբանական հաղորդակցութեան դէմ ելնելուն համար հալածուեցաւ եւ պաշտօնէն զրկուեցաւ, կաթողիկոսին կողմէ Մայրագոմեցի անունով անարգուեցաւ, եւ Գետարակի առանձնարանը քաշուեցաւ 469): Արդէն իր կարգին ալ դիտել տուինք, թէ Եզրի եւ Յովհանի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձին պատճառը, ոչ այնչափ դաւանական խնդրոյն էութիւնն էր, որչափ եղելութեան արտաքինը. Եզրի կողմէն ցուցուած ճկուն եւ երկդիմի զիջողութիւնը, իսկ Յովհանի կողմէն արտայայտուած անկքելի նախանձայուզութիւնը, եւ ասոնցմէ առաջ եկած անձնական պատուոյ խնդիրը եւ կրից զայրոյթը: Եզրի խստութիւնը հետեւանք էր վիրաւորեալ արժանապատուութեան, եւ ոչ դաւանական պաշտպանութեան: Յովհան բոլոր մեր պատմիչներէն բացարձակ կերպով հռչակուած է իբր կարող եւ ուղղամիտ եւ ուղղափառ վարդապետ: Իրեն տրուած պատուանուններն են, փիլիսոփայ կատարեալ, եւ աստուածային գրոց գիտութեան բանիբուն (ՅՈՎ. 99), կատարեալ աստուածային գիտութեամբ (ԱՍՈ. 88), աստուածային գրոց բանիբուն, (ԱՍՈ. 80), եւ ուրիշ նմաններ, որ անոր արժանիքը կը հաւաստեն: Իրեն կը վերագրուին երեք գիրքեր, Խրատ վարուց, Հաւատարմատ, եւ Նոյեմակ վերտառութեամբ, զորս գրեց Գետարակի առանձնութեան մէջ, բայց զանուն իւր ոչ վերագրեաց ի նոսա, ժողովուրդին մէջ իրեն մասին տարածուած ձախող ըմբռնումին պատճառով (ԱՍՈ. 88), ինչ որ հետեւանք էր Եզր կաթողիկոսի պաշտօնական հալածանքին: Երեք գիրքերը մեզի հասած չեն, որ կարենայինք անոնց վերլուծութիւնն ընել, եւ մօտէն գաղափար կազմել Մայրագոմեցիին վարդապետութեան վրայ:

539. ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՅՐԱԳՈՄԵՑԻ

Այդ գիրքերուն կորուստը աւելի աւաղելի է այն պատճառով, որ Մայրագոմեցիին անունով սխալ եւ մոլար վարդապետութիւն մը տարածուած է, եւ մենք պէտք է գիրքերը տեսնէինք, ուղիղ դատաստան ընելու համար: Բայց Մայրագոմեցիները երկու եղան, Յովհաննէսի աշակերտ Սարգիս վարդապետ մըն ալ, նոյն մակդիր անունով ճանչցուեցաւ, եւ Յովհաննէսի մահուընէ ետքը, որուն երբ հանդիպած ըլլալը յայտնի չէ անոր դիրքը շարունակելով անոր գործը ստանձնեց ու համբաւը իւրացուց: Ստէպ հանդիպած բան է, որ աշակերտներ իրենց վարդապետին ըսածը չափազանցելով, սխալանքի իյնան, եւ ձրիաբար վարդապետին անունն ալ աղարտեն: Այդ բանը Յովհաննէսի եւ Սարգիսի մասին ալ ճշմարտուած է: Ժամանակին յիշեցինք Յուլիանեան եւ Սեւերեան տարաձայնութիւնները նոյնիսկ միաբնակ հակաքաղկեդոնիկներու մէջ, միանգամայն ըսինք թէ Յուլիանոս Աղիկառնացւոյ վարդապետութիւնը մինչեւ երեւութականութեան տարուեցաւ Յուլիանեանց կողմէն 350): Քանիցս յիշեցինք եւս թէ ապականութեան խնդիրին մէջ Հայերը, Աղիկառնացւոյն սկզբնական վարդապետութիւնը նախընտրեցին, թէ Քրիստոս ոչ ի հարկէ այլ ի կամաց կը կրէր ապականութեան հետեւանքները իր միաւորեալ բնութեան վրայ, որով նզովուած մոլորեցուցիչներուն հետ կը յիշէին Սեւերոսն ալ, ինչպէս Ներսէս Բագրեւանդացիի (ԹՂԹ. 56), Աբդիշոյ Ասորիի (ԹՂԹ. 60), Յովհաննէս Գաբեղեանի (ԹՂԹ. 83) եւ Վրթանէս Քերթողի (ԹՂԹ. 138) հաւատոյ թուղթերուն մէջ: Մայրագոմեցի Յովհաննէսի կողմէ բուռն կերպով պաշտպանուած քաղկեդոնիկ դաւանութեան դէմ նախանձայոյզ հակառակութիւնը, Սարգիս Մայրագոմեցիի ձեռք անցած ատեն, Յուլիանոսի չափաւոր դրութենէն Յուլիանեանց չափազանց դրութեան փոխուեցաւ, եւ Երեւութականաց մոլորութիւնը, որ տակաւ կը տարածուէր Հայաստանի կողմերն ալ, Մայրագոմեցւոց վարդապետութիւնը եղաւ: Սակայն բոլոր մեր պատմագիրները համամիտ եւ համաձայն կերպով Յովհաննէսը կ՚արդարացնեն, եւ Սարգիսի կը վերագրեն մոլորութեան պաշտպան եղած ըլլալու դերը: Յովհաննէս Պատմաբան կաթողիկոսը բացարձակապէս կը ստանձնէ Յովհաննէս Մայրագոմեցիի պաշտպանութիւնը, եւ յիշելով թէ համբաւ ամբաստանութեան պատմի անոր վրայ, վրայ կը բերէ թէ ես ոչ կարեմ հաւանութեան իմոյ կամացս տալ, որովհետեւ կը կարծէ թէ ի հակառակադիր եւ խորիմաց այլոց կամաց այս գործ համբաւոյ լեալ է (ՅՈՎ. 102): Միեւնոյն ուղղութեամբ Ասողիկ ալ կը վկայէ, որ թէպէտ զոմանէ համբաւի հերձուած մուծանել յեկեղեցի, այլ ոչ է սորա (ԱՍՈ. 82), եւ նոյնը ասանցմէ ետքը եկողներն ալ կը վկայեն, թէ Մայրագոմեցի աղանդաւորը, Յովհաննէս չէր, այլ Սարգիսը, եւ թէ մինչեւ իսկ այս պատճառով Յովհան ի բաց յիւրմէ հալածեաց զՍարգիսն, որով ոչ մի կերպով հնար չէ Յովհան Մայրագոմեցին դատապարտել, ինչպէս կարի փութկոտութեամբ կը պնդեն հռոմէադաւան գրողներ, Եզրի գործը բարձրացնելու եւ Եզրի հակառակորդը նուաստացնելու դիտմամբ: Յովհաննէս Պատմաբան, որ գիրքերը տեսած է, Սարգիսի մոլորած լինելը կը հաւաստէ, զի իմ իսկ ընթերցեալ է, կ՚ըսէ, գիր վնասու նորա (ՅՈՎ. 105): Իսկ Մայրագոմեցւոց աղանդին մասին երկարել հարկ չենք տեսներ, վասնզի ծանօթ է Երեւութականաց դրութիւնը, որոնք բնութեանց միաւորութեան վարդապետութիւնը այնչափ առջեւ տարին, որ մարդկութիւնը աստուածութեան մէջ ընկղմած եւ ոչնչացած ըսելու հասան, որով ինչ որ մարդկային է Քրիստոսի անձին վրայ` բնաւ իրականութիւն չեն ընծայեր, այլ առաչօք երեւոյթ կը դաւանին: Երեւութականութիւնը այս ծայրայեղութեամբը` իր իսկ խուսափած քաղկեդոնականութեան կը մօտենար: Վասնզի բնութեանց միաւորութիւնը մերժել կ՚ըլլար եթէ Քրիստոսի չարչարանքը լոկ մարդկութեան տալով` փրկագործ տնօրէնութեանց նշանակութիւնը կորսուէր, իսկ նոյն չարչարանքները լոկ երեւոյթ ըսելով` փրկագործ տնօրէնութեանց իսկութիւնը կը ջնջուէր:

540. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՔՌԹԵՆԱՒՈՐ

Մայրագոմեցւոց կամ Հայ Երեւութականաց դէմ առաջին ձայն բարձրացնողը եղաւ Թէոդորոս վարդապետ, Քռթենաւոր մականուանուած, խարազնազգեաց ճգնաւորութեանը համար: Թէոդորոսի համար յիշեցինք արդէն թէ Կոմիտասի եղբօրորդին էր, որով ինքն ալ Աղցեցի եղած կ՚ըլլայ, եւ Եզրի քեռորդին 460), եւ Մաթուսաղայի աշակերտը 451), եւ պատմեցինք եւս Եզրի զիջողութեան մէջ Թէոդորոսի ունեցած քաջալերիչ մասնակցութիւնը 464), հետեւաբար զարմանալի պէտք չէ երեւայ, եթէ Թէոդորոսը գործունեայ դեր մը ստանձնած կը տեսնենք Մայրագոմեցւոց դէմ: Հոգ չէ թէ Յովհաննէս իրապէս մաս ունեցած ըլլայ կամ ոչ` Մայրագոմեցւոց մոլորութեան մէջ, Թէոդորոսի համար բաւական կը սեպուէր, որ խնդիրը Մայրագոմեցւոյն առանձնարանէն երեւան եկած էր: Թէոդորոսի ճառը, ինչպէս որ տպագրուած կը տեսնենք (ՕՁՆ. 147), եզակի կերպով մակագրուած է` ընդդէմ Մայրագումացոյն, սակայն գրուածը սկիզբէն մինչեւ վերջը, միշտ յոգնակի կերպով ուղղուած է շատերու, եւ ոչ մէկ անձի, եւ միայն վերջը հռետորական դարձուածով անգամ մը, Արդ դու մը ունի (ՕՁՆ. 156), որ սակայն խումբի մը դէմ գրուած ըլլալը չ՚եղծաներ, քանի որ սկիզբէն կը խօսի շատերու հասցէին, թէ Ահա վերայայտեցան այժմ ի տանս Թորգոմայ, նորածին դաւանութեան զարմք, օժտողք ճշմարտութեան, եւ նոյնպէս կը շարունակէ մինչեւ վերջը, եւ երբեք յատուկ անձի մը անունը չէ տուած, ոչ Յովհաննէսի եւ Սարգիսի: Այնպէս անհիմն չէր լիներ, կարծել որ մակագիրին մէջ Յ ու Ց գիրերու գրչագրական սխալ մը սպրդած ըլլայ: Թէոդորոսի ճառը երեւութական աղանդը մերժած ատեն, երբեք քաղկեդոնական դաւանութեան պաշտպանութիւն ըրած չ՚ըլլար, ինչպէս հռոմէադաւանք կ՚ուզեն հռչակել (ՉԱՄ. Բ. 362), վասնզի այսպիսի բառ մը կամ տառ մը իսկ չկայ, այլ միայն փրկական տնօրէնութեանց իսկականութեան ցուցմունքներ կան Ս. Գիրքէն եւ սուրբ հայրերէն, ինչ որ հակաքաղկեդոնիկ միաբնակութեան հիմնակէտն է, եւ որուն համար քաղկեդոնիկ երկաբնակութիւնն ալ անբաւական կը դատուի: Եթէ Թէոդորոսի ճառէն Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան համար ցուցմունք մը պիտի քաղենք, այն աւելի մեզի նպաստաւոր կ՚ըլլայ, զի եթէ Եզրի համոզումը Թէոդորոսի հետ նոյն էր, ապա Եզր ալ երկաբնակ մը չէր քաղկեդոնիկներու դրութեամբ: Քռթենաւորի համար ըսուած է թէ հաստատուած էր Արագածի ստորոտը Ս. Աստուածածին վանքը, որ կրնայ նոյնացուիլ այժմեան Հառիճոյ վանքին հետ, ուր ընտիր աշակերտութիւն մը կազմեց, որուն փայլը աւելցուցին Սահակ Ձորոփորեցի եւ Յովհան Օձնեցի կաթողիկոսները: Իրեն կը վերագրուին եւս ուրիշ երկու ճառեր, ի սուրբ Խաչն (ՕՁՆ. 159) եւ ի սուրբ Կոյսն (ՕՁՆ. 172), որք իրենց ներբողական ձեւին ներքեւ Երեւութականաց դրութեան հերքումներն են տիրապէս, մարդեղութեան խորհուրդին իսկական իրականութիւնը ցուցնելով: Աւելի պատմական տեղեկութիւններ չունինք Քռթենաւորի կեանքին եւ վախճանին վրայ:

541. ՄՈՎՍԷՍ ՍԻՒՆԵՑԻ

Դարուս նշանաւորագոյն անձերուն կարգը պէտք է դասենք Մովսէս Սիւնեցին, որ հաւանաբար միեւնոյնն է, որ Սիւնեաց եպիսկոպոս ալ եղած է Օրբէլեանի հաշուով, Մաթուսաղայի ձեռնադրութենէն 97 տարի ետքը (ՕՐԲ. Բ. 246) որ մեզ կը տանի մինչեւ 730 թուականը: Այլ այդ ցուցակը դժուար է ճշդութեամբ պաշտպանել, ժամանակագրական անհամաձայնութեանց պատճառով, որովհետեւ նոյն Մովսէսն է որ Ստեփանոս Սիւնեցիի վարդապետը եղած կ՚ըսուի(ՕՐԲ. Ա. 173): Թէպէտ կրնայ ըլլալ որ Սիւնեաց վարդապետանոցին վարիչը Մովսէս, իր կեանքին վերջին օրերը միայն յանձնառու եղած ըլլայ մետրապոլտութեան անցնիլ, զոր 7 տարի վարած կ՚ըսուի: Սակայն ամէն առիթի մէջ անհրաժեշտ կ՚երեւի այդ թուականները կանխել, ինչպէս Ստեփանոսի վրայ խօսած ատեննիս պիտի դիտել տանք: Մովսէսի անձը, որչափ ալ մինչեւ հիմա աւելի մտադրութեան առարկայ եղած չէ, սակայն մեր տեսութեամբ արժանի է մատենագրական ընդարձակ ուսումնասիրութեան, զոր ուրիշ տեղ ալ յիշեցուցած ենք (09. ԱՄՍ. 245), իսկ այստեղ մեր պատմական շրջանակէն դուրս կը մնայ: Մովսէս Սիւնեցին, քերթող եւ քերթողահայր անուններով պատուուած, գրական անձ մը եւ վարդապետանոցի վարիչ եւ ուսուցիչ կը յայտնուի (ՀԻՆ. 472), մինչ միեւնոյն ժամանակ Մովսէս պատմագիր ալ կ՚ապրի, առանց որոշակի հանգամանաց (ՀԻՆ. լգ): Նկատի առնելով այդ պարագաները, եւ միւս կողմէն դիտելով որ Խորենացիի պատմութիւնը քննադատներուն մեծամասնութեան կողմէ Է. դարու գործ կը ցուցուի, եւ նոյն պատմութեան հնագոյն օրինակները լոկ Մովսէս քերթողահայր անունով կը մակագրուին, եւ պատմագիր ըլլալը քերթողահայր ըլլալ չէ, եւ քերթողներ եւ քերթողահայրեր Սիւնեաց դպրոցէն միայն ելած են` եւ ոչ Տարոնէն, մենք կը կարծենք թէ Խորենացիի շուրջը յուզուած խնդիրը, դիւրին լուծում մը կը ստանայ, եթէ Մովսէս Սիւնեցին, Մովսէս քերթողահայրը, Մովսէս պատմագիրը, եւ Մովսէս Խորենացիի պատմութեան հեղինակը` միեւնոյն անձի վերածուին եւ նոյնացուին Է. դարուն Սիւնեաց դպրոցին քերթողահայրն եղող` Մովսէս Սիւնեցւոյն հետ: Արդէն Խորենացւոյ ըսուած Պիտոյիցը ու շարականները եւ Աշխարհագիրը այս Մովսէսի կը վերագրեն շատեր (ՀԻՆ. 472), կերպով մը մեզի ճամբայ բանալով, որ պատմութիւնն ալ նոյն շարքին միացնենք, քանի որ դարեր ետքն է որ պատմագիրին` Խորենացի անունը կը տրուի (ԿԻՐ. 3): Երբոր Օրբէլեանի մէջ կը կարդանք, թէ էր մեծարոյ եւ նախաթոռ ի վարդապետսն Հայոց աթոռն Սիւնեաց, զի էր ի վաղնջուց հետէ հրամայեալ զթարգմանութիւնն եւ զմեկնութիւնն նոցա ունել ի սրբոյն Սահակայ եւ Մեսրոպայ (ՕՐԲ. Ա. 155), հնար չէ չյիշել, թէ Խորենացիին մէջ ալ գրուած է, թէ քանզի անգէտք էին մերում արուեստի, վասն որոյ առեալ մեծին Սահակայ եւ Մեսրոպայ զմեզ առաքեցին յԱղեքսանդրիա ի լեզու պանծալի, ի ստոյգ յօդանալ ճեմարանին վերաբնութեան (ԽՈՐ. 260): Մովսէս Սիւնեցիի մասին կարծիքնիս անցողաբար յիշելով, մատենագրական քննադատութեանց հետեւողներուն կը թողունք այդ մասին վերջին խօսքը արտասանել:

542. ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ ԵՒ ՍԵԲԷՈՍ

Դարուս մէջ ծաղկած եւ գրական արդեանց տէր անձերուն կարգին յիշենք եւս Յովհաննէս Մամիկոնէից եպիսկոպոսը, որ զինքն Զենոբ Գլակէ սկսելով Տարոնոյ 35-րդ եպիսկոպոս կը համրէ, բայց իր վրայ` ուրիշ տեղեկութիւն չի տար, եւ հաւանաբար Տարոնեցի եւ Գլակայ Ս. Կարապետի աշակերտ կ՚երեւի: Գրած է Տարոնոյ պատմութիւն մը, զոր կը հասցնէ մինչեւ Տիրան Մամիկոնեան, որ 639-ին Արաբացւոց դէմ պատերազմին մէջ սպաննուեցաւ 494), եւ կը փակէ Սամուէլի հայրապետութեան 4-րդ ամիսը (ՄԱՄ. 60), ուր հայրապետութիւնը ոչ թէ կաթողիկոսութիւն, այլ վանական հայրերու պետութիւն կամ վանահայրութիւն պիտի իմանանք, ինչպէս ուրիշ տեղ Դաւիթ վանահօր համար ալ հայրապետութիւն անունը գործածած է (ՄԱՄ. 49): Սեբէոս Բագրատունեաց եպիսկոպոս, Եւսեբիոս անունին կրճատմամբ կոչուած, թողած է ընտիր պատմութիւն մը սկիզբէն մինչեւ Մուավիէի ամիրապետութեան հասնիլը 661-ին 501), զոր ինքն կը մակագրէ Պատմութիւն ի Հերակլն, իբր թէ ըսէր Պատմութիւն ի սկզբանէ մինչեւ ի Հերակլն: Վասնզի իրօք ալ, սկիզբէն սկսելով կը հասցնէ Հերակլ եւ Կոստաս Հերակլեան կայսրներուն ժամանակը: Սեբէոսի անձին վրայ ինչ ինչ դիտողութիւններ ըրինք պատմութեան կարգին 489), եւ զինքն իբր ժողովական ալ յիշեցինք 480), մինչեւ իսկ հաւատոյ գիրին շարադրողն ըլլալն ալ ենթադրեցինք 484), բայց իր կեանքին եւ վախճանին վրայ տեղեկութիւնք կը պակսին:

543. ՈՒՐԻՇ ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՆԵՐ

Մամիկոնեանին եւ Սեբէոսի ժամանակակից պատմագիր կը նկատուի նաեւ Մովսէս Կաղանկայտուացի, բնիկ Ուտէացի, Աղուանից պատմիչ, որուն գրուածը երեք գիրքերու կը բաժնուի, սակայն առջի երկուքը միայն սոյն Մովսէսի կը վերագրուին, եւ մինչեւ 683 կը հասնին, մինչ երրորդը, որ անկէ երկու դար ետքի դէպքերը կը պարունակէ, համանունի մը գործ է, կամ թէ անանունի մը յաւելուածն է: Առաջին գիրքերը երրորդէն զատելու գլխաւոր պատճառը, առաջիններուն հեղինակին ինչ ինչ կէտեր իբր ականատես յիշելն է, զորօրինակ Վիրոյ կաթողիկոսին հետ Հոնաց բանակին մէջ գացած ատեն կը գրէ, թէ անդ տեսաք զբազմոցս նոցա ի գուճս ի վերայ ծնգաց (ԿԱՂ. 372), եւ դարձեալ թէ տեսանէաք եւ զերիվարս ածեալս սիգաւորք (ԿԱՂ. 323), եւ Ջուանշիրը յիշած ատեն, զայն քաջասիրտ տէրն իմ կը կոչէ (ԿԱՂ. 312): Կաղանկատուացիին եկեղեցական մը եղած լինելը հաւանական է` թէպէտ որոշակի աստիճանը նշանակուած չենք գտներ: Իսկ աշակերտութիւնը հարկաւ Սիւնեաց վարդապետանոցին մէջ եղած պիտի ըսենք, նկատի առնելով իր ընտիր հայկաբանութիւնը: Գովութեամբ պէտք է յիշենք նաեւ Բարսեղ Ճոն վարդապետը, Շիրակայ դպրեվանուց առաջնորդը, որուն շարականներու մասին տարած աշխատութիւնը յիշեցինք 482): Նմանապէս Անանիա Շիրակացի վարդապետը, համարողական գիտութեան միակ հմուտ հայ վարդապետը 506), եւ ուսկից միայն քանի մը հատակոտորք հասած են մեզի: Նոյնպէս Դաւիթ Բագաւանցին, որ Իմաստասէր անունով կը ճանչցուի, եւ որուն Յունաց կողմէ պատգամաւոր եկած ըլլալը յիշեցինք 483) թէպէտ իրմէ բան մը մեզի հասած չէ: Իբրեւ մատենագիր ծանօթ է եւս Փիլոն Տիրակացի վարդապետը, որ Սոկրատ Սկոլաստիկոսի եկեղեցական պատմութիւնը թարգմանեց (ԱՍՈ. 101), Ներսէհ Կամսարականի առաջարկութեամբ: Այդ թարգմանութիւնը հետաքնին ուսումնասիրութեան առարկայ եղած է վերջին ատեններու մէջ, եւ միեւնոյն ատեն ժամանակակից ուրիշ մատենագիրի մըն ալ անունը երեւան եկած է, Գրիգոր Ձորոփորեցի անունով, եթէ չուզենք զայն նոյնացնել Գրիգոր Արշակունիի հետ (ՍՈԿ. ձէ): Ձորոփորեցի կոչումը Սահակ կաթողիկոսի հետ ազգակցութեան մը միտք կը բերէ. արդէն ինքն Սահակ ալ դարուն գրական անձնաւորութեանց շարքին մէջ պէտք է դասուի, ինչպէս արդէն գրեցինք 534):