Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԵՍԱՅԻ Ա. ԵՂԻՊԱՏՐՈՒՇԵՑԻ

614. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ՄԱՅՐԸ

Նիգ գաւառի Եղիպատրուշ գիւղէն, աղքատիկ եւ մանկամարդ այրի մը, միամօր սանդիաց զաւակով մը, անոք եւ անօգնական մուրացիկ շրջելու ստիպուած, գիւղէ գիւղ թափառելով` եւ լաւագոյն տեղ մը գտնելու հետեւելով կու գայ մինչեւ Դուին, մինչեւ կաթողիկոսարանի տունը, եւ հայրապետական կաթողիկէին առջեւ մուրացկանութեան սովորական տեղը կը հաստատուի: Մեծ եկեղեցիներու դուռները մուրացիկներու ընտրելագոյն տեղերն են: Եղիպատրուշեցի այրիին Դուինի մէջ հաստատուիլը կրնանք մինչեւ Արճիշեցի կաթողիկոսի օրերը հասցնել: Խեղճը իր եւ իր մանկիկին ապրուստը հոգալու համար, չէր մեկներ եկեղեցւոյն դուռնէն, թէպէտ ցրտահար սառուցեալ ի ձմերայնի լինէր, եւ տապախարշ արեւակէզ յամարայնի: Կաթողիկէին քահանաներն ալ մանկամարդ մուրացիկին խեղճ վիճակը նկատելով, քանիցս իրեն կ՚ազդարարեն, որ թող տայ կաթողիկոսարանին դուռը, եւ երթայ ուրիշ տեղ մը իրեն պատսպարան մը ճարէ: Կինը ընդհակառակն յամառութեամբ իր տեղը կը մնայ, կաթողիկոսարանին դուռէն չ՚ուզեր հեռանալ, եւ երբ աւելի կը պնդեն, կը պատասխանէ. Ո՞չ գիտէք, զի սակս կաթողիկոսութեան զորդեակս իմ աստ սնուցանեմ: Տարիներ կ՚անցնին եւ մուրացիկին տղան քիչ մը մեծցած ըլլալով, կաթողիկոսարանի մէջ կ՚ընդունուի, եւ սնեալ եւ ուսեալ ի նմին հայրապետանոցի հետզհետէ կ՚աճի ու կը յառաջանայ: Օձնեցիին ժամանակին կ՚իյնայ Եղիպատրուշեցի որբուկին կաթողիկոսարանի աշակերտութեան ընդունուիլը: Կնոջ հաստատամտութիւնը Իմաստասէր կաթողիկոսին ուշադրութիւնը գրաւած պիտի ըլլայ, հարկաւ տղային հետ մօրը համար ալ նպաստաւոր ու յարմար կարգադրութիւն մը եղած է, բայց մայրը այլեւս չի յիշուիր: Եղիպատրուշեցի որբը հետզհետէ կը զարգանայ, եւ հայրապետանոցի պաշտօններուն մէջ արդիւնք եւ արժանիք կը ցուցնէ, մինչեւ որ օր մըն ալ եպիսկոպոսութեան աստիճանը կ՚ընդունի Գողթնեաց վիճակին վրայ: Պարտաւի ժողովին մէջ Մարդպետական եւ Սիւնեաց մետրապոլիտներու հետ յիշուած, Եսայի Գողթնեաց եպիսկոպոսն է` Եղիպատրուշեցի մուրացիկին խեղճ որբուկը: Եսայիի արժանիքը կը հռչակուի եւ կը տարածուի, այնպէս որ Արճէշի եւ Բագրեւանդի ցաւալի օրերէն ետքը, երբ յանկարծ հայրապետական աթոռն ալ դատարկ կը մնար, անոր կը դառնան ամենուն աչքերը, եւ ամենադժուարին ժամանակին մէջ ազգին ու եկեղեցւոյն ղեկը ձեռք առնելու կը հրաւիրուի Եսայի եպիսկոպոսը, եւ կաթողիկոսարանի դրան մուրացիկ որբուկը կաթողիկոսական աթոռին կը բարձրանայ: Այս կերպով, ինչպէս Պատմաբանն ալ կը դիտէ, գրեթէ մարգարէուհի իմն վասն մանկան կինն գտանէր (ՅՈՎ. 137):

615. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Եսայիի կաթողիկոսութեան տեւողութեանը 13 տարի գրուած է ամենէն առանց բացառութեան, եւ 775-էն հաշուելով կը հասնինք 788-ին: Իր հայրապետական գործունէութենէն բնաւ յիշատակ մը չենք գտներ, ինչ որ լաւ ակնկալութիւններով աթոռ բարձրացած անձի մը նկատմամբ յուսախաբութիւն պէտք չէ ըսենք, այլ միայն դժպհի ժամանակներուն տարաբախտ հետեւանքը: Արաբական տիրապետութեան անլուր հարստահարութիւնները, կեղեքեալ ժողովուրդին անտանելի տառապանքը, ամէն կողմէ գոռացող պատերազմական շեփորները, չէին ներեր կաթողիկոսին գործի ձեռնարկել իսկ, զբաղեալ լինելով միայն իր ժողովուրդին վիշտերովը ինքն ալ չարչարակից ըլլալ, չունենալով իր տրամադրութեան ներքեւ ոչ մի ոյժ եւ ոչ մի ապաւէն, որով կարենար դարման մը հոգալ: Իրաւ նոր ամիրապետը, Մուհամմէտ-էլ-Մահտի, Մահատի կոչուած մերիններէն, դադարեցուց իր նախորդին կծծի եւ ագահ կարգադրութիւնները, եւ հրաման ըրաւ թուլցնել հարկապահանջութեան խստութիւնները, սակայն այնչափ ծանր էր երկրին աւերածը, որ կացութեան զգալի փոփոխութիւն մը չեղաւ: Եթէ մէկ կողմէն բնակչաց երկրի անդորրութիւնն եղեւ հարկապահանջ բռնութենէն, սակայն միւս կողմէն ամիրապետը զանուր լծոյ հարկին ծանրացոյց (ՂՆԴ. 188), այնպէս որ Հայեր այս կերպ թէ այն կերպ հազիւ կը բաւէին հարկերուն վճարման հասնիլ, թող կուսակրօններուն եւ զօրավարներուն եւ բոլոր պաշտօնեաներուն աղիկամի զեղծումները: Ոստիկանութիւնը վարողն էր Եէզիտ: Այս անունը տարբեր ժամանակներու մէջ կը յիշուի, եւ չենք կրնար ճշդել թէ տարբեր անձեր ալ են, իսկ պատրիկութեան պաշտօնի մասին հին պատմիչներ չեն գրեր, թէ ում տրուած էր Բագրեւանդի պատերազմին մէջ մեռնող Սմբատին յաջորդութիւնը 612): Պատմաբանը կը գրէ իսկ, թէ Հայ նախարարներուն ընկճուելուն եւ ցրուելուն վրայ, յայսմ վայրի պակասեցաւ ի պատմութենէ աստի զրոյցք իշխանացն մերոց (ՅՈՎ. 142), որ թէպէտ ուղղակի պատրիկներու դադարած ըլլալը չի նշանակեր, սակայն գոնէ կարեւորութիւնը կորսնցուցած ըլլալնին կը ցուցնէ: Աշոտ Սահակեան Բագրատունիի ընթացքը 610) թերեւս զինքն այդ պաշտօնին համար յարմարագոյն ընտրելի դարձնէր, սակայն ընտրուած ըլլալը գրուած չէ: Ընդհակառակն Ասողիկ Սմբատ Աշոտեան Բագրատունիի տեղ իշխան կամ պատրիկ եղած կ՚ըսէ` որդին Աշոտ Սմբատեան Բագրատունին, Մսակեր մականուանուած, եւ Բագրեւանդի պատերազմէն ազատած 612), որուն 20 տարի պաշտօնավարութիւն կու տայ (ԱՍՈ. 108), այլ երբ եւ ուսկից անուանուած լինելը չի գրեր: Իսկ Անեցին ալ 804-ին կը դնէ Աշոտ Մսակերի սկիզբը (ՍԱՄ. 91), որ մեզ բաւական հեռու թուական մը կը տանի:

616. ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐ

Մահտի ամիրապետ, գահ բարձրանալէն ետքը նախ Խորասանի ոստիկան Եուսուֆ-պինի-Իպրահիմի ապստամբութիւնը զսպեց, եւ յետոյ Մէքքէ մեծահանդէս ուղեւորութեան մէջ ուխտաւորներուն նեղութիւնները տեսնելով, մեծագործ հաստատութիւններ շինեց Ասորիքի եւ Արաբիոյ անապատներուն մէջ անոնց ճամբորդութիւնը դիւրացնելու համար: Անկէ ետք 778-ին, մեծ պատերազմ մը բացաւ Լեւոն Դ. Խազիր կայսեր դէմ, որ կայսրութեան հին գաւառները նորէն գրաւելու ձեռնարկած էր: Յունական պատերազմին ընդհանուր հրամանատարն էր Միքայէլ Լաքանսգրակոն, բայց չորս հայ նախարարներ էին իւրաքանչիւր բանակի զօրապետները, Տաճատ Անձեւացի` որդի Գրիգորի, Արտաւազդ Մամիկոնեան, Գրիգոր Մամիկոնեան` որդի Մուշեղի, եւ Վարազտիրոց (ԼՊԱ. 502): Արաբական բանակին կը հրամայէր Հասան-պինի-Քաթապա: Հայ զօրավարներ մեծ ճակատամարտէ խուսափելով, եւ Արաբացւոց բանակը յոգնեցնելով, յաջողեցան զանոնք տկարացնել, եւ յետս նահանջելու ստիպել, որուն համար Լեւոն կայսեր կողմէ մեծամեծ պատիւներու եւ ընծաներու արժանացան (ՂՆԴ. 189): Միւս տարի Մահտի պատերազմը կը վերանորոգէր, եւ երկու գրիւ մանանեխի սերմ կը ղրկէր Լեւոնի, իբր իր բանակին շատութեան սպառնալից նշանակ (ՂՆԴ. 189): Այս արշաւանքին գլուխը դրուեցաւ Հարուն-էլ-Ռաշիտ, ամիրապետին կրտսեր որդին, այլ ի պատիւ միայն, զի դեռ շատ երիտասարդ էր, եւ բուն հրամանատարութիւնը կը վարէր Եահեա-պինի-Խալիտ, հին պարթեւական ցեղերուն սերունդ, Արաբացիներէ` Բարմեկեան կոչուած: Պատերազմը ճիւղաւորուեցաւ, Արաբացիք տեղ տեղ յաջողութիւններ ունեցան: Հայաստանի ոստիկան Եէզիտն ալ իրեն գունդերով Պոնտոսի կողմերը պատերազմ մը մղեց, ձախող հետեւանքով (ՂՆԴ. 191), բայց երկու կողմերն ալ հանդարտեցան պահ մը, եւ յարձակումները չնորոգուեցան: Այդ պատերազմէն ետքը Մահտի իր որդւոյն Հարուն-էլ-Ռաշիտի յանձնեց Ատրպատականի եւ Հայաստանի իշխանութիւնը (ՎԵՐ. 372), որ փոխարքայութեան նման բարձրագոյն պաշտօն մը պիտի նկատուի, վասնզի բուն ոստիկաններ չդադրեցան Հայաստանի մէջէն: Վերը յիշուած Եէզիտէն ետք Օթման կամ Օսման մը կը գտնենք, հրամանատար եւ ազգապետ ի վերայ երկրիս (ՂՆԴ. 193), որ չենք գիտեր ճշդիւ թէ երբ պաշտօնի անցաւ, այլ հաւանական է, որ Հարունի պաշտօնի անցնելուն վրայ նշանակուած ըլլայ Եէզիտի տեղ: Նոյն միջոցին, 780-ին, Լեւոն Դ. մեռաւ, արդէն հիւանդութենէ տկարացած ըլլալով, եւ իրեն յաջորդեց Կոստանդին Զ. Պերփեռուժէն, կամ Ծիրանեծին, այլ դեռ պզտիկ ըլլալուն մայրը Երինէ դշխոյ, կայսեր խնամակալ եւ իշխանութեան տէրը եղաւ:

617. ՏԱՃԱՏ ԱՆՁԵՒԱՑԻ

Երինէ դշխոյ, մեծամտութեամբ եւ փառամոլութեամբ լեցուն կին մը, ուզեց կայսրութեան հին փառքը վերանորոգել, մանաւանդ որ Արեւմուտք բոլորովին ելած էր Բիւզանդական իշխանութեան ձեռքէն, եւ Փրանկաց թագաւորն Կարլոմանոս կամ Կարոլոս Մեծն յաղթական կերպով տիրապետած էր Իտալիոյ: Երինէ մտածեց գոնէ Արեւելքին կողմէն իր իշխանութիւնը ընդարձակել: Լաքանսդրակոն զօրավար բանակով մը սկսաւ յառաջանալ, Մահտի իր Հարուն որդին անցուց իր բանակին գլուխը: Արաբացիք յառաջեցին, բայց յունական գունդերը որոնց դարձեալ Հայ զօրավարներն էին հրամայողները, սկսան Արաբները նեղել, եւ այնպէս պաշարեցին որ պարէն ճարելու դժուարութեան մէջ ինկան, մինչեւ իսկ լինէր սով մեծ ի բանակին Իսմայէլի (ՂՆԴ. 191): Այդ միջոցին է որ Տաճատ Անձեւացի, Հայ զօրավարներուն առաջինը, ցաւած ըլլալով որ հեռութեամբ վարէր առ նա թագուհին, Արաբացւոց գլխաւորին Հարունի հետ բանակցութեան մտաւ: Ինքն կանուխէն Արաբացւոց բռնութենէն փախած մէկն էր, եւ առ հարկի Յունաց ծառայութեան մտած, ուստի երբ իրեն ապահովեց, իր առջի դիրքը եւ փառաւոր կացութիւն մը, որոշեց կայսրուհիէն վրէժը լուծել, եւ իր հայագունդով Արաբացւոց կողմը անցաւ, անոնց պաշարումը վերջացուց եւ դիւրաւ յառաջանալու ճամբաներն ալ ցուցուց, այնպէս որ Հարունի բանակը մինչեւ Կոստանդնուպոլսոյ դիմացը հասաւ, եւ ծանր պայմաններով կայսրն ու կայսրուհին հաշտութիւն խնդրելու խոնարհեցուց, եւ յաղթական ետ դարձաւ 782-ին: Օտար պատմագիրներ Տաճատը իսլամութիւնն ալ ընդունած կ՚ըսեն (ԼՊԱ. 503), բայց մեր պատմագիրք այսպիսի բան մը չեն յիշեր, մանաւանդ թէ իբր Հայ քրիստոնեայ նախարար մը` պատրիկութեան պաշտօնին կոչուած ըլլալը կը պատմեն (ՂՆԴ. 193): Թէպէտեւ Օթման ոստիկան` դժուարութիւն կը հանէ, թէ ոչ է կամք միաբանութեան նախարարացն Հայոց, եւ թէ չեն ուզեր իրենց վրայ իշխան ճանչնալ մարդ մը, որ է ձեռն տուեալ առ արքայն Յունաց, սակայն Հարուն, որ երախտապարտ էր Տաճատի, մինչեւ հայր իւր անուանել զնա, իր որոշումը կը պնդէ, եւ Օթման յակամայ կամաց կը պարտաւորուի Տաճատի իշխանութիւնը ճանչնալ (ՂՆԴ. 194): Սակայն իր հակառակութիւնը չի դադրեցներ: Քիչ ետքը Խազիրներու դէմ պատերազմի առթիւ, Տաճատն ալ միասին կը տանի, եւ ամարան տօթակէզ ամիսներու մէջ Քերան դաշտի հնոցաձեւ ապառաժներու պահպանութեան կը թողու, որուն չդիմանալով Տաճատ, անդէն կը մեռնի, ինչպէս նաեւ իրեն օգնականները` Բագարատ սպարապետ եւ Ներսէհ Կամսարական, եւ հայագունդերէն շատ շատեր: Օթմանի այդ գործը մինչեւ Մահտի ամիրապետին ականջը կը հասնի, եւ այս պատճառով զայն ոստիկանութենէ կը հանէ, եւ տեղ կը նշանակէ Ռոհ եւ Ռուհ անուն իշխան մը: Վերջին եղելութիւնք ժամանակագրական կարգով կրնան դրուիլ 784-ին, որովհետեւ Ռուհի ոստիկանութենէն շատ չ՚անցնիր, եւ Մահտի ամիրապետ կը մեռնի 785-ին (ՂՆԴ. 195):

618. ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԵՒ ՍԱՀԱԿ

Մահտի երկու որդի ունէր, Մուսա եւ Հարուն, այսինքն է Մովսէս եւ Ահարոն, եւ կ՚ուզէր չմեռած իրեն յաջորդ նշանակել իր կրտսեր որդին Հարուն-էլ-Ռաշիտը, սակայն հռչակելու չհասած մեռաւ, եւ երէց որդին Մուսա-էլ-Հատի ամիրապետութեան անցաւ: Կ՚երեւի թէ հայրն ալ կը ճանչնար անոր ապիրատութիւնը, որ զայն ետ ձգել կը մտածէր, ինչպէս իրօք ալ յայտնուեցաւ այր ժանտ եւ ապարասան եւ այսակիր, որ մինչեւ իսկ զուարճութեան համար նետաձիգ եղած ատեն, իր մարդիկները մղղակ կը կեցնէր եւ կը մեռցնէր (ՂՆԴ. 195): Մուսայի Հայոց նկատմամբ ըրած առաջին կարգադրութիւնն եղաւ Ռուհ ոստիկանը ետ կանչել, որ իր գիտմանց համաձայն չէր երեւեր, եւ անոր տեղ նշանակել Խազմ անուն մէկ մը, արդարեւ ըստ անուանն իսկ խազմարար եւ դժոխաձեւ (ՂՆԴ. 195): Երբ պատշաճից պահանջողութեան համեմատ Հայ նախարարներ առաջին անգամ իրեն ներկայացան Դուինի մէջ, անմիջապէս ձերբակալել տուաւ Արծրունի երեք եղբայրները, Համազասպ եւ Սահակ եւ Մեհրուժան` Գագիկի որդիները, եւ անոնց մասին ամբաստանագիր ղրկեց ամիրապետին եւ հրահանգ խնդրեց: Արծրունի իշխաններուն մասին ուրիշ ամբաստանութիւն մը չէր կրնար ըլլալ, բայց եթէ Վասպուրականի շարժումին գլուխ կենալնին 610), եւ Արճէշի պատերազմը մղելնին 611): Սակայն ասոնք 10 տարի առաջուան գործեր էին, եւ ժամանակին ամիրապետն ու ոստիկանները անոնք մոռացութեան տուեր էին, եւ նոր պարագայ մըն ալ տեղի ունեցած չէր: Պատմիչին զանձինս զօրավարաց նախամարտկաց եւ քաջաց յիշելն ալ` հին եղելութիւնները միայն միտք կը բերէ: Միւս կողմէ, ոստիկանին զգեղաղէշ վայելչութիւն փառաց նոցա, եւ զբարեզարդութիւն ազատախումբ գնդին որ ընդ նոսա` դիտելը (ՂՆԴ. 196), պէտք է առիթ եղած ըլլայ` նեղելով փրկանք եւ տուգանք ձեռք ձգելու, գուցէ ալ` անոնցմէ սկսելով գործը ընդարձակելու: Արծրունի նախարարներ կալանաւոր մնացին ժամանակս երից ամաց (ՂՆԴ. 196), զոր պէտք է երից ամսոց կարդալ, վասնզի յայտնապէս ըսուած է թէ անոնց նահատակութիւնը գործեցաւ յիշխանութեանն Մուսէի (ՂՆԴ. 199), իսկ Մուսայի իշխանութիւնը ամ մի միայն տեւած է (ՂՆԴ. 200), կամ աւելի ճիշդ 14 ամիս (ՎԵՐ. 376): Ամիրապետին հրամանն եղաւ բառնալ զնոսա ի կենաց, իսկ իբր շնորհ կ՚աւելցուէր որ պատիժ կը ներուի եթէ յանձին կալջիք դառնալ ի հաւատս մեր (ՂՆԴ. 196), պայման մը զոր իսլամութիւնը ամէն քրիստոնեայ դատապարտեալի կ՚առաջարկէ: Մեհրուժան փութաց պայմանը յանձն առնուլ, կարծես թէ ձախող նշանակութիւն մը ունենար Մեհրուժան անունը Արծրունեաց համար 149), իսկ Համազասպ եւ Սահակ բացէբաց մերժեցին, եւ չուզեցին փոխանակել զճշմարտութիւնն Աստուծոյ ընդ ստութիւն: Խազմ ոստիկան վճիռը գործադրելէն առաջ, նոր ատեան մըն ալ կազմեց, Յայտնութեան ութօրէքին մէջ, եւ հարցափորձով ու խոշտանգանքով ուզեց անոնց հաստատամտութեան յաղթել: Անութներուն ներքեւէն երկճղի փայտեր դնելով պրկել` եւ ջալստիւք սաստիկ ծեծել տուաւ, նախ Սահակը եւ յետոյ Համազասպը, եւ վերջէն հրամայեց երկուքն ալ գլխատել, մարմինները փայտերէ կախել, եւ վար առնելէ ետք այրել ու մնացած մոխիրը իբր փոշի ցրուել, որպէսզի իրենց ոսկորները նահատակներու պատիւէն զրկուին: Համազասպ եւ Սահակ Արծրունիներու նահատակութիւնը թէպէտ նշանակուած է Հայոց 233 թիւին (ՂՆԴ. 200), սակայն պէտք է ուղղել իբր գրչագրութեան սխալ եւ դնել 786-ին ութօրէքին, Մուսայի ամիրապետութեան հետ կապելու համար, ինչպէս ուրիշներն ալ նոյնպէս ուղղած են (ՎՐՔ. Զ. 343): Նահատակութեան մանրամասնութեանց մէջ հետեւեցանք Ղեւոնդի, որ ժամանակակից պատմիչ է, մինչ վկայաբանութիւններ ինչ ինչ պարագաներու մէջ կը տարբերին: Ղեւոնդ նոյնիսկ Մեհրուժանի մասին տակաւին զղջման ակնկալութիւն կը յայտնէ (ՂՆԴ. 197), որով անոր կենդանութեան ատեն գրած ըլլալը կը յայտնուի: Համազասպ եւ Սահակ Արծրունի նախարարներ տօնելի սուրբեր են մեր եկեղեցւոյ մէջ (ՏՕՆ. 236), եւ անշուշտ Եսայի կաթողիկոսէ հրամայուած է անոնց տօնական յիշատակը:

619. ԿԵՂԵՔՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԳԱՂԹՈՂՆԵՐ

Հարուն-էլ-Ռաշիտ եղբօրը Մուսա-էլ-Հատիին յաջորդեց 786-ին, իր մօր Խայզարանի եւ Բարմեկեան նախարար Եահեայի պաշտպանութեամբ, երբ Մուսա կ՚աշխատէր որդին Ջափրը կամ Ճաֆէրը ժառանգ նշանակել, այլ յանկարծամահ լինելով նպատակին չհասաւ: Հարուն արտաքին պատմութեանց համեմատ Արաբացի ամիրապետներուն ամենէն կարկառուն դէմքն է, իր մեծագործութեամբ եւ զարգացմամբ եւ բարեբաստիկ վեհութեամբ, մինչ մեր պատմիչը ագահ եւ արծաթասէր կը կոչէ զայն (ՂՆԴ. 200), եւ եղելութեանց ընթացքն ալ կը ցուցնէ, թէ անոր կողմէն Հայաստանի համար յաջողութիւն մը յառաջ եկած չէ: Մեր պատմիչք Հարունի Ովեդլա կամ Ուպէտուլլահ անուն մէկ եղբայրը կը յիշեն, զոր օտար պատմիչներու մէջ չենք գտներ, եւ որուն կը յանձնէ Ատրպատականի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Աղուանքի ընդհանուր իշխանապետութիւնը, ինչպէս ինքն ունէր իր հօր ժամանակ: Այս առթիւ Խազմ ոստիկան կը փոխուի, եւ տեղը կու գայ Եէզիտ որդի Մզդէի որ է Եէզիտ-պինի-Մուզիտ, այս ալ շուտով կը փոխուի, եւ կը յաջորդէ Աբդալքբեր, որ է Ապտ-իւլ-Քէպիր, այս վերջնոյն ալ կը յաջորդէ Սիւլէյման, քան զամենեսին ժանտ եւ չարագործող (ՂՆԴ. 200): Կ՚երեւի թէ այդ միջոցին ոստիկանութիւնը տարեկան պաշտօնի ձեւն առած էր, վասնզի Մուսայի մահէն մինչեւ Եսայի կաթողիկոսի մահը հազիւ երեք տարի անցած են, եւ ահա երեք ոստիկաններ իրարու կը յաջորդեն: Սիւլէյման ոստիկան, խիստ եւ դժնդակ հարկապահանջութիւն մը կը կազմակերպէ, եւ գործը կը յանձնէ իր փեսային Իբնդոկէ անուն հոռոմ ուրացեալի մը: Ասոր ձեռքով այնչափ կը ծանրացնէր հարկին սակը, որ ինչ գտանէր ի ձեռին ուրուք, ոչ լինէր բաւական իր ընելիք վճարումին: Եսայի կաթողիկոս, նախարարներով եւ եպիսկոպոսներով դիմում կ՚ընեն թեթեւացուցանել զանուր ծանրութեան հարկին, այլ ոստիկանը ընդհակառակն կրկին քան զոր ըստ ամին պահանջել կը հրամայէ, եւ գլխահարկի ճշդութիւնը ապահովելու համար` իւրաքանչիւրին վիզը կնիք կապարեայ դնելու սովորութիւնը կը նորոգէ (ՂՆԴ. 201): Ահագին յուսահատութեան ներքեւ, գրեթէ մերկ եւ բոկ եւ սովամահ մնացած ժողովուրդէն իբր 12, 000 հոգի` Շապուհ Ամատունիի եւ որդւոյն Համամի եւ ուրիշ նախարարներու գլխաւորութեամբ ճամբայ կ՚ելլեն Յունական գաւառներ անցնելու: Սիւլէյման ետեւնէն գունդ կը ղրկէ, որ փախստականներուն կը հանդիպի Կող գաւառը, հաւանաբար Գուգարաց Կողբափորը, որ է այժմեան Ղազախ գաւառը: Մէկ մասը կը կոտորէ, մէկ մասն ալ կը դարձնէ, բայց մաս մըն ալ կը յաջողի սահմանագլուխը անցնելով Պոնտոսի եւ Եգերաստանի կողմերը ապաւինիլ: Կոստանդին կայսր, կամ աւելի ճիշդ Երինէ դշխոյ, լաւ ընդունելութիւն կ՚ընէ փախստականներուն մէջ գտնուող նախարարներուն, անոնց հեծեալներն ալ կայսերական գունդերուն կը խառնէր, եւ ժողովրդականները բնակեցուցանէր ի բարւոք եւ յարգաւանդ երկրի (ՂՆԴ. 203): Այս առթիւ անցողակի յիշեցնենք, թէ Հայաստանի մէջ զանազան ժամանակներ սաստկացած նեղութիւններուն եւ հարստահարութիւններուն երեսէն, շարունակ էր կայսրութեան սահմանները անցնող Հայերուն գաղթական հոսանքը: Ասոնք գլխաւորապէս զինուորական զբաղման հետեւելով, Յունական բանակին մէջ առաջնակարգ դիրք ստացած էին, ամբողջ գունդեր Հայերէ կազմուած էին, կայսեր անձնապահ գունդն ալ հայագունդ էր դարձած, եւ բազմաթիւ Հայ զօրավարներ կը հրամայէին թէ' խաղաղութեան եւ թէ' պատերազմի ատեն: Այս կերպով Հայերը հին հռոմէական պրետորականներու դերը ստանձնեցին, եւ առաջ կայսրներ տապալելու գործէն սկսելով, իրենց մէջէն Հայ կայսրներ ալ կրցան բարձրացնել բիւզանդական գահին վրայ:

620. ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՀԸ

Ժամանակին քաղաքական եղելութեանց վրայ թերեւս քիչ մը աւելի ընդարձակուած երեւի մեր գրուածը, քանի որ եկեղեցական պատմութիւն գրել է նպատակնիս: Սակայն ոչ թէ եկեղեցական եղելութեանց նուազութիւնն է որ զմեզ կը պարտաւորէ անոնց պակասը լրացնել, այլ բուն իսկ գործի պահաջ կը նկատենք այդ տեղեկութիւնները: Եկեղեցական պատմութիւն գրողը, պարտաւոր է եկեղեցական կացութեան ճշգրիտ պատկերը նկարագրել, ինչ որ հնար չէ առանց ժամանակին դիրքն ու պարագաները պատկերացնելու, որոնցմէ կախում ունի եկեղեցւոյ կացութիւնը: Եթէ յառաջ բերուած հարստահարութիւնները եւ միջադէպները լռենք, պակաս թողած պիտի ըլլանք Հայ Եկեղեցւոյ ներքին վիճակը ցուցնող փաստերը, եւ թերի պիտի ըլլան Հայ կաթողիկոսները գնահատելու կամ քննադատելու պէտք եղած տեղեկութիւնները: Եսայի Եղիպատրուշեցին ալ իր ինքնութեան մէջ ճանչցուած պիտի չըլլար, եթէ չներկայէինք իր ժամանակին տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերը, որոնցմով կը ներկայանայ նա ծովացեալ աղէտներու մէջ ընկղմած նաւաբեկեալ ղեկավար մը, որ միջոց չունի իր արթուն առաջնորդութեան արժանիքը ցուցնել: Այսուհանդերձ մեր կաթողիկոսներ գովեստի արժանաւոր պէտք է համարուին, եթէ նոյնիսկ նաւաբեկութեան մէջ, կայմերն ու սամիկը վնասուած նաւին ղեկը ձեռքէ չթողուցին, եւ նաւը կորուստէ ազատեցին: Այսպէս վերջացաւ Եսայիի ալ կեանքը, շարունակ վշտաց եւ աղետից մէջ, եւ փոխեցաւ երանելին առ Քրիստոս` սուրբ եւ ուղիղ հաւատով: Եսայիի մահը նոր հարստահարութեան մը դուռ բացաւ եկեղեցւոյն վրայ: Դժոխաձեւ եւ չարաշուք այրն ամբարիշտ, որ է Իբնդոկէ հարկահանը, ուզեց տիրանալ ամենայն ստացուածոց եւ սպասուց եկեղեցւոյն, եւ սպառնալիքներով բռնադատեց կաթողիկոսարանի կղերիկոսները եւ ապասաւորները ամէն բան միառմի յայտնել, եւ բան մը չծածկել: Անոնք ստիպեալ մէջտեղ հանեցին, եւ եդին առաջի նորա զսպասս ցանկալիս ոսկւոյ եւ արծաթոյ եւ որ քարանց պատուականաց, եւ զհանդերձս թագաւորացն, զոր ի պատիւ սրբոյ եւ փառաւորեալ աստուածընկալ սեղանոյն եւ խորանին` Տեառն նուիրեալ էին (ՂՆԴ. 204): Ասկէ կը տեսնուի որ տակաւին Արշակունեաց օրերէն մնացած հարստութիւններ կան եղեր կաթողիկէին գանձարանին մէջ: Հարկահանը ուզածը եւ լաւագոյնը մէջէն առնելով, քիչ մաս մըն ալ թողած է նոր կաթողիկոսին յանձնուելու համար: Այդ նոր տեսակ բռնութիւնը մտածած են ոստիկանն ու հարկահանը, հարկաւ Եսայիի անժառանգ մեռած ըլլալուն հիմնուելով, եւ անժառանգին ստացութիւնը տէրութեան իրաւունք ցուցնելով, իբր այն թէ կաթողիկոսարանը եւ կաթողիկէ եկեղեցին, կաթողիկոսին անձնական գոյքը ըլլային, եւ իր մահէն ետքը անտէրունջ ստացութիւն նկատուէին: Այդ մեկնութիւնը պատմիչը բացատրած չէ, սակայն մեզ ծանօթ է, որ ամենէն սաստիկ բռնաւորներն ալ իրենց գործողութեանց երեւակայական կամ մտացածին ձեւ մը կու տան, զայն օրինաւորութեան ձեւով արդարացնելու համար: Անտէրունջ ստացութիւնները` ուրիշ օրէնքներու մէջ առկախ կը մնան, մինչեւ որ գոնէ հեռաւոր ժառանգ մը յայտնուի, մինչ իսլամական օրէնքը անորդի կամ առանց մերձաւոր ժառանգի մեռանիլը բաւական կը սեպէ, թողօնը անմիջական գրաւումի ենթարկելու համար:

621. ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎ ՆԻԿԻՈՅ

Եսայիի վերջին օրերը տեղի ունեցաւ Նիկիոյ Երկրորդ ժողովը, զոր Յոյներ ու Լատիններ իբր եօթներորդ տիեզերական ժողով կ՚ընդունին, եւ որուն նպատակն էր պատկերներու պաշտամունքը հաստատել եւ պատկերամարտ վարդապետութիւնը դատապարտել: Այդ վարդապետութեան ծագումը պատմեցինք արդէն 564), որուն հեղինակը ոչ թէ աստուածաբան եկեղեցական մը, այլ կայսր մը եղաւ, Լեւոն Գ. Իսաւրացին: Կայսրը առաջին անգամ ուզեց չափաւորել պատկերներու պաշտօնը, որ Յոյներուն մէջ չափազանցուած էր, եւ որուն չէր հանդուրժեր արեւելեան զգացումներով տոգորուած անձ մը, ինչպէս էր Իսաւրացին, որ ինքզինք տկարացած ալ կը զգար իսլամութեան կողմէն քրիստոնէութեան ուղղուած մեղադրանքներուն առջեւ: Առաջ անպաշտօն կերպով սկսաւ գործել, վերջէն 724-ի հրովարտակը հրատարակեց, եւ շատ մը պատկերներ կործանել կամ վերցնել տուաւ, 728-ին իրեն համամիտ Անաստասը պատրիարք դրաւ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին վրայ, եւ մինչեւ իր մահը նոյն ուղղութեամբ գործեց: Կոստանդին Ե. Կոպրոնիմոս, որ իրեն յաջորդեց, աւելի զօրաւոր կերպով մաքառեցաւ պատկերներու դէմ, եւ 754-ին յատուկ ժողով մը գումարել տուաւ Կոստանդնուպոլիս, ուր 338 եպիսկոպոսներ նզովքով դատապարտեցին պատկերներու պաշտօնը, եւ իբր եօթներորդ տիեզերական ժողով հռչակեցին իրենց որոշումը: Ժողովական վճիռով զօրացած Կոստանդին` հալածանքի ալ ձեռնարկեց պատկերներու պաշտպաններուն դէմ, եւ նոյն ընթացքը շարունակուեցաւ նաեւ իր յաջորդին Լեւոն Խազիրին ատեն, մինչեւ որ Երինէ դշխոյ կայսրութեան ղեկը ձեռք առնելով, պատկերապաշտութեան հովանաւոր կանգնեցաւ, եւ 780-էն սկսելով ուղղութիւնը փոխուեցաւ, եւ աւելի ալ շեշտուեցաւ երբ 784-ին Տարասփոս պատրիարքական աթոռ բարձրացաւ: Կայսրուհին եւ պատրիարքը իրարու օգնելով, եւ դուրսէն ալ Հռոմի հայրապետներուն օգնութիւնը ունենալով, 786-ին ժողով մը գումարեցին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, 754-ի ժողովը մերժելու եւ պատկերամարտութիւնը դատապարտելու համար: Օգոստոսի առաջին օր ժողովը պիտի բացուէր, բայց զինուորներ եւ ժողովուրդ ընդդիմացան եւ խափանուեցաւ, եւ ժողովը Նիկիոյ մէջ գումարուեցաւ յաջորդ 787 տարին, Սեպտեմբեր 24-ին, 337 եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ, եւ Հոկտեմբեր 13-ին եօթներորդ եւ վերջին նիստին մէջ ժողովական որոշումը հռչակուեցաւ, եւ 22 բարեկարգական կանոններ ալ հաստատուեցան: Մեր պատմութեան համար բաւական ըլլայ այդչափ ինչ քաղած ըլլալ, քանի որ ուղղակի Հայոց հետ յարաբերութիւն ունեցող կէտ մը չկայ այդ ժողովին մէջ: Մեր եկեղեցին սկիզբէն ի վեր շատ զգուշաւոր եւ չափաւոր եղած է պատկերներու մէջ, սեղանի պատկերէն զատ ուրիշ պատկեր չներելով, արձանները բոլորովին մերժելով, եկեղեցական պաշտամունքի գործածուելիք նկարն եւ ուրիշ պատկերն օծելով, եւ տուներու մէջ պաշտամունքի պատկեր չընդունելով: Ինչ որ ընդունուած էր Նիկիոյ Երկրորդ ժողովէն առաջ, նոյնը պահած է ժողովէն ետքն ալ, անկախաբար ժողովական որոշումէն, որուն տիեզերական ժողովի ոյժ ալ չէ տուած, թէ ինքն մասնակցած չլինելուն, եւ թէ անոր նախընթացներն ալ ընդունած չլինելուն պատճառով: Իրաւ Տաթեւացին զայն կը յիշէ, բայց միայն յայտնի ժողովք ազգաց շարքին մէջ, իբր պատմական յիշատակ միայն, եւ ոչ իբրեւ ընդունելութեան առարկայ, զի նոյն շարքին մէջ Քաղկեդոնի ժողովն ալ կը դնէ (ՏԱԹ. 544): Միայն չենք կրնար բացատրել, թէ ինչպէս եւ որու ձեռքով Նիկիոյ ժողովը` եօթներորդ սուրբ ժողով յիշատակութեամբ անցած է Յայսմաւուրքին մէջ (ՅԱՍ. Բ. 185), սակայն առանց նախընթացներու եօթներորդ մը` արդէն անհիմն բան մըն է: Միւս կողմէն Յայսմաւուրքին անտեղի եւ անճահ յաւելուածներով ատեն ատեն խճողուած լինելը, ամենէն ընդունուած ստուգութիւն մըն է: Պատմագիրներուն մօտ բնաւ յիշատակ մը չենք գտներ, որ Եսայի չմեռած տեղեկութիւն ունեցած ըլլայ յիշեալ ժողովին վրայօք, կամ այդ մասին որեւէ որոշում տուած կամ կարծիք յայտնած ըլլայ: Ժողովին անունն իսկ անծանօթ է մեր պատմիչներուն: