Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅՈՎՍԷՓ Բ. ՓԱՐՊԵՑԻ

629. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԳԱՐԱԿՆԵՐԸ

Յովսէփի հայրենիքն ալ Արագածոտն գաւառն է, իսկ բուն ծննդավայրը ըսուած է ի բնակչաց Սրբոյն Գրիգորի (ՅՈՎ. 142), կամ ի գեղջէ Սուրբ Գրիգորի (ԱՍՈ. 108), եւ այդ բացատրութեամբ կ՚իմացուի Փարպի գիւղը, ուր Լուսաւորչաշէն եկեղեցի մը եղած է, իբրեւ նշանաւոր ուխտատեղի (ԱՐԱ. 159): Եթէ լոկ ի բնակչաց բացատրութիւնը ըլլար, կրնար Զուարթնոց Ս. Գրիգորի եկեղեցիին վրայ ալ իմացուիլ, այլ ի գեղջէն ըսելը Փարպին կը մատնանշէ: Յովսէփ կաթողիկոսին Կարիճ մակդիր անուն ալ տրուած է (ԱՍՈ. 158), առանց պատճառը բացատրելու: Եթէ խայթելու եւ վնասելու իմաստով առնուած է, ոչ մի պարագայ չ՚արդարացներ, զի ընդհակառակն եկեղեցւոյ եւ հայրապետութեան արիասիրտ պաշտպան եղած է Յովսէփ, այնպէս որ անտեղի չէր լիներ կասկածիլ, թէ մի գուցէ Կտրիճ կոչուած, իսկ գրչագրական սխալով Կարիճ դարձած ըլլայ: Յովսէփի կաթողիկոսութեան միջոցին ոստիկան եկաւ Խուզիմա անուն մէկ մը (ՅՈՎ. 142), զոր պէտք է իբր Սիւլէյմանի անմիջական յաջորդ նշանակել, որովհետեւ սովորաբար երկար պաշտօնավարութիւն կը վերագրուի Սիւլէյմանի, որ մերձաւորաբար 787-ին պաշտօնի անցած էր, եւ Յովսէփ կաթողիկոս 795-ին ընտրուեցաւ: Խուզիմա ալ ոչինչ ընդհատ իր նախորդէն` Հայերն ու Հայաստանը ընկճելու հետամուտ, զընդ իւրեւ կացեալսն նուաճէր, եւ հպատակները կը կեղեքէր: Խուզիմա նոր տեսակ բռնութիւն մըն ալ աւելցնելով, դաստակերտներ եւ ագարակներ իւրացնելու կ՚աշխատէր, իբր թէ ի պատճառս գնոց արծաթոյ, բայց հարկաւ չնչին գնով մը մեծամեծ կալուածներ իւրացնելու համար, առերեւոյթ օրինաւորութեան պատրուակով: Աւելի իր փափաքը գրգռեցին կաթողիկոսարանի կալուած եղող երեք մեծամեծ դաստակերտներ իրենց ագարակներով, այսինքն է Արտաշատը, Կաւակերտը եւ Հոռոմոց մարգը, որ կը գտնուին Արարատի դաշտին մէջ, Հրազդանի արգասաբեր եւ այգեւէտ հովիտին երկայնքը: Խուզիմա ի չար ցանկութենէն եւ ի դիւամոլ ագահութենէն գրգռուած (ՅՈՎ. 142), ամէն տեսակ ճնշում ու բռնադատութիւն գործածեց կաթողիկոսին վրայ, որ հաւանի իրեն փոխանցել յիշեալ երեք դաստակերտները, սակայն Յովսէփ բացարձակապէս մերժեց, պնդելով եկեղեցական ստացութեանց նուիրականութիւնը, եւ անոնք օտարացնելու համար իր անձեռնհասութիւնը, նկատի ունենալով միանգամայն անիրաւ առեւտուրէն առաջ գալիք վնասը: Խուզիմա Յովսէփը համոզելու ամէն միջոցները սպառնալէն ետքը, զայն բանտարկել ալ տուաւ, հարկաւ որեւէ սնոտի պատրուակով մը, եւ բանտին մէջ ալ կապէր զնա ի շղթայս, եւ գանիւ հարկանէր զայրն Աստուծոյ: Խուզիմա կը յուսար որ Յովսէփ զարհուրեալ` առ նա զհայցեալն տացէ, բայց նա ոչ բանտէն ու շղթաներէն, եւ ոչ բրածեծ ըլլալէն կ՚ընկճուէր, այլ քաջապէս համբերէր, եւ ուզուած հաւանութիւնը չէր տար (ՅՈՎ. 143): Այդ բռնութեանց կարգին պէտք է դնել, կաթողիկոսին եղբօր սպանութիւնը` Մեծամօր գետին աղբերակին կողմերը, ոստիկանին դաւաճանութեամբ, զի աւելի նպատակայարմար էր այն իբրեւ ահացուցիչ միջոց մը, քան թէ իբրեւ վրէժխնդրութեան գործ (ՅՈՎ. 144):

630. ՅՈՎՍԷՓԻ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Խուզիմա նպատակին չհասնելէն բարկանալով, եւ իր կամքին առջեւ չերթալը իրեն պզտիկութիւն ու անարգանք նկատելով, խարդախ ձեւերու դիմեց: Երեք սպասաւորներու գլուխը մէկ մէկ պայուսակի մէջ իբր թէ երեք դաստակերտներու գիները դրած, բանտ տանիլ տուաւ, ընդ միւս կողմն գաղտագծծութեամբ դուրս հանելու պայմանով, եւ իբր թէ կաթողիկոսը գինը առած եւ վաճառման հաւանութիւն տուած ըլլայ, Յովսէփը բանտէն կ՚ազատէ եւ հայրապետանոց կը դարձնէ, եւ ինքն ալ Արտաշատի, Կաւակերտի եւ Հոռոմոցմարգի կալուածները բռնի կը գրաւէ եւ կ՚իւրացնէ: Բայց կաթողիկոսը այդ խարդաւանանքէն ետքն ալ եկեղեցւոյ իրաւունքը պաշտպանելէ ձեռնթափ չ՚ըլլար, աներկիւղաբար գործին կը հետեւի եւ բազում պնդութիւն ցուցնելով, գործը մինչեւ յատենի ուղղոց կը տանի: Ոստիկանին դէմ բողոքի ատեանը, կրնայ ամիրապետին ատեանը ըլլալ, որ ուղղոց ատեան կրնայ կոչուիլ, ոստիկանին անիրաւութիւնը դատապարտելուն եւ կաթողիկոսարանի իրաւունքը ճանչնալուն համար, ինչ որ կատարելապէս կը յարմարի Հարուն-էլ-Ռաշիտի, օրէնսգիտութեամբ եւ մեծանձնութեամբ հռչակուած ամիրապետին: Բայց անտեղի չէր ըլլար իսլամական օրէնքի թարգման դատաւորներու վրայ ալ իմանալ, որոնք իբր անկախ իշխանութիւն միշտ կը գտնուէին վարչական իշխանութեանց մօտ: Որն եւ ըլլայ ատեանը, վճիռը մասամբ կաթողիկոսին նպաստաւոր կ՚ըլլայ, եւ Կաւակերտ ու Հոռոմոցմարգ դաստակերտները ետ կ՚առնուին ի ձեռաց ոստիկանին չարի, բայց Արտաշատ միանգամ ընդ միշտ կաթողիկոսարանին ստացութենէն կ՚ելլէ, ու անտի եւ առյապայ օտարներու ձեռք կը մնայ: Այս առթիւ կը կատարուի ոստիկանի փոփոխութիւնն ալ, որովհետեւ Խուզիմա պաշտօնէն կ՚ելլէ, եւ տեղը կը ղրկուի նոր ոստիկան մը, ամենայն հաւանութեամբ Հօլ անուն (ՅՈՎ. 144), որուն ոստիկանութիւնը Վարդան ալ Յովսէփի օրերուն կը դնէ (ՎԱՐ. 80): Հարկաւ անհնար էր որ Խուզիմայի գործին անիրաւութիւնը վճռուելէն ետքը, պաշտօնի վրայ թողուէր: Յովսէփ կաթողիկոսի համար ստուգիւ մեծ գովեստի փաստեր են, եկեղեցական ստացութեանց մասին ցոյց տուած հաստատամտութիւնը, եկեղեցւոյ նուիրական իրաւունքները պաշտպանելու համար խոստովանողական տանջանքներ կրելը, խարդաւանանքը մէջտեղ հանելու համար աներկիւղ ձեռնարկը, եւ վերջապէս ճարտար փաստաբանութեամբ յափշտակեալ կալուածները մեծաւ մասամբ ետ դարձնելու յաջողիլը: Աւելցնենք նաեւ` անխիղճ եւ անիրաւ ոստիկանին ձեռքէն երկիրն ազատելը, ինչ որ անուղղակի կրցած է ազդել նոր ընտրուած ոստիկանին, որուն վրայ չեն պատմուիր Սիւլէյմանի եւ Խուզիմայի անլուր բռնութիւնները: Այս դիտողութիւններն էին որ մեզի կը թելադրէին Յովսէփը Կտրիճ եւ ոչ Կարիճ մականուանել 629):

631. ԴԻՊՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ՄԱՀԸ

Խուզիմայի ոստիկանութեան, դաստակերտներուն խնդիրին, Յովսէփի գործերուն, եւ Հօլի անուանման թուականները հաստատելու համար, որոշ նշաններ չունինք, սակայն յայտնի է որ բաւական երկարած են Խուզիմայի նենգաւոր հետապնդումները, իսկ աւելի ալ երկար եղած կ՚ըլլայ դատը, եթէ ուղղակի ամիրապետին ատեանին առջեւ հաստատուեցաւ եկեղեցւոյ իրաւունքը, եւ Կաւակերտն ու Հոռոմոցմարգը ետ առնուեցան: Միւս կողմէն Յովսեփ ամս մետասան հայրապետութիւն վարելէ ետքը վախճանած է (ՅՈՎ. 144), որ բաւական տրամադրելի ժամանակ թողած է յիշատակուած եղելութիւնները լրացնելու: Յովսէփի կաթողիկոսութեան 11 տարիները, առանց բացառութեան կրկնուած են ամէն պատմագիրներէ եւ ցուցակագիրներէ, որով նորա վախճանը կ՚իյնայ 806 տարին: Այդ միջոցին դէպքերէն կը յիշուի Խազիրներու ասպատակութիւն մը Հայաստանի մէջ, իրենց թագաւորին աղջկան Հայաստանի մէջէն Խորասան գացած ատեն, ճամբան մեռնելուն պատճառաւ, թէպէտ սպանութեան կասկած ալ չէր կրնար ըլլալ: Երկու ամիս շարունակ երկիրը աւերելէ եւ աւարելէ ետքը` ետ դարձած են Խազիրները, Արաբացի նոր գունդեր հասնելուն վրայ (ՎԵՐ. 385): Իսկ Յունական կայսրութեան մէջ, կը յիշուի Հայ գունդերուն Երինէ դշխոյին դէմ ելնելը, որ բաւական վտանգի ենթարկեց անոր իշխանութիւնը, սակայն նա յաջողեցաւ շարժումը զսպել, եւ Հայ զինուորներէն հազար մը Արշիպեղագոսի կղզիները, եւ մաս մըն ալ Թրակիոյ հեռաւոր բանակատեղիները ցրուել (ԼՊԱ. 503): Իսկ Երինէ, որ իբր որդւոյն Կոստանդինի գահակից, ինքն էր բուն իշխանութիւն վարողը, 790-ին Կոստանդինի նախաձեռնութեամբ պալատէն հեռացուեցաւ, եւ 15 ամիս աքսորեալ մնաց Մարմարայի եզերքը Ելեւթերիա քաղաքը, այլ յաջողեցաւ նորէն որդւոյն հետ հաշտուիլ եւ առջի դիրքը գրաւել: Երինէ ասով չգոհացաւ, այլ իշխանութիւնը ամբողջ ձեռք անցնելու համար, 797-ին իր որդւոյն դէմ դաւաճանութիւն մը կարգադրեց, եւ զայն կուրացնել տալով գործէ հեռացուց: Բայց միւս կողմէն իրեն դէմ ալ դաւադրութիւնները շատցան, մինչեւ որ Վարդան Հայկազն, Հայ գունդերու պաշտպանութեամբ զայն գահէն վար կ՚առներ, եւ ինքն կայսր կը հռչակուէր 802-ին, թէպէտ ինքն ալ տեղի կու տար Նիկեփորոսի, որ հակառակ երդման զայն կը կուրացնէր, եւ կը փակէր Իշխանաց կղզիներէն Պռոտիի վանքին մէջ: Իսկ Երինէ Իշխանաց կղզիները, եւ յետոյ Լեսբոս կղզի աքսորուելով, այնտեղ մեռած է 803 Օգոստոս 9-ին, եւ որովհետեւ վերջին տարիներու մէջ բարեգործութեանց, եւ աքսորի մէջ ապաշխարութեանց հետեւած էր, Յոյներ զայն սուրբերու կարգը անցուցած են: Նիկեփորոս նախ բանակցելով, եւ յետոյ զէնքով փորձեց Երինէի ժամանակ հաստատուած Արաբացւոց հարկէն ազատիլ, այլ չյաջողեցաւ եւ պարտաւորուեցաւ վճարումը շարունակել: Այս վիճակին մէջ էին Հայաստանի գործերը, եւ անոր տիրապետողներուն յարաբերութիւնները, երբոր Յովսէփ կաթողիկոս իր բազմաշխատ կեանքը կը կնքէր 806-ին, իսկ մահուան պարագաները յիշուած չեն: