Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄԱՇՏՈՑ Ա. ԵՂԻՎԱՐԴԵՑԻ

696. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Երբոր Գէորգ կաթողիկոսի մահուան գոյժը հասաւ Շիրակաւան, Սմբատ թագաւոր պահ մը հանդարտած էր, զի Ափշին իր սահմաններէն հեռացած էր, թագուհին գերութենէն դարձած էր, թէպէտ սիրելիներէն պատանդներ յանձնուած էին, ուստի թագաւորն եւ համազգիք իւր, այսինքն է Բագրատունեաց հետ ազգակից եւ խնամի իշխաններ, ինչպէս էին գրեթէ բոլոր հայ նախարարները, գահամեծար իշխանքն եւ պատուական արք ազատք, յաջորդի ընտրութեան փութացին, եւ առանց տարակուսանաց համաձայնեցան հայրապետական աթոռ բարձրացնել Սեւանի անապատին առաջնորդ Մաշտոց վարդապետը (ՅՈՎ. 229): Նորա նախընթացը պատմած ենք արդէն 677), բացատրելով նաեւ Գէորգի հետ ունեցած խնդիրը 678), Գէորգի ամբաստանութեան առիթին բռնած ընթացքը 687), եւ Դուինի երկրաշարժին պարագային գրած նամակը 620): Մաշտոց հռչակուած էր իր ճգնաւորական հանդիսիւ եւ իմաստասիրական արհեստիւ (ՍԱՄ. 95), ամէնքը սքանչացած էին ընդ գեղեցկայարմար խորհրդական գնացս նորա (ՅՈՎ. 229), որ մեծաւ ճգնութեամբ ապրած էր, միահանդերձ եւ բոկոտն, այնպէս որ զամս քառասուն հաց ոչ եկեր եւ ջուր ոչ արբ (ԿԻՐ. 45), լոկ բանջարով զհարկաւոր պէտսն վճարեալ (ՅՈՎ. 229): Հետեւաբար իբրեւ կենդանի սուրբ մը հանեցին զայն իր անապատէն, եւ կացուցին յաթոռ սրբոյն Գրիգորի, ուր ձեռնադրութեան խօսք չլինելը, արդէն Մաշտոցի եպիսկոպոսական աստիճան ունեցած ըլլալուն նշան կը նկատենք: Մաշտոց առանց դժուարութեան համակերպած է իրեն եղած կոչումին, նպատակ ունենալով սքանչելագործ գովելի վարդապետութեամբ իւրով եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատիլ, ինչպէս որ իրօք ալ գործի ձեռնարկելով շինէր, հաստատէր եւ յարդարէր ի կարգս բարեաց գնացից եւ գարծոց զհօտս իւր հաւատացեալ: Այլ աւաղ որ շատ կարճատեւ եղաւ Մաշտոցի հայրապետութիւնը, ամիսս եօթն միայն (ՅՈՎ. 230): Անակնկալ մահուանը ոչ մի բացատրութիւն չի տար Պատմաբանը, որ իր աշակերտն, ազգակիցն ու յաջորդն է միանգամայն: Տարիքն ալ չի յիշեր, որ յոյժ յառաջացած տարիքին վերագրենք արագահաս մահը: Ոմանց հասեալ ի ծերութիւն պարարտութեան ըսելն ալ (ԿԻՐ. 45), աւելի արդիւնաւոր ծերութեան իմաստն ունի, մանաւանդ որ Յայսմաւուրքը ի վաթսնամեայ հասակի կաթողիկոսացած կ՚ըսէ (ՅԱՍ. Բ. 187), որ անկած տկարութեան տարիք չէ: Հիներուն մէջ տարիք նշանակուած չենք գտներ, եւ երեւի թէ զամս քառասուն ճգնողական կեանք վարած ըլլալուն վրայ իմնած են, քսան տարեկան վանք մտած ենթադրելով: Մենք պիտի միտինք Մաշտոցի կենցաղական փոփոխութեան վերագրել սակաւօրեայ կաթողիկոսութիւնը: Մարդկային մարմինը որեւիցէ կացութեան ունակութեամբ` անոր կ՚ընտելանայ, եւ անկէ յանկարծ ետ չի կրնար դառնալ, ըլլայ ալ ամենախիստ զրկման վիճակը: Մաշտոցի ալ դիւրին պիտի չըլլար քառասուն տարիներէ ի վեր ունակութեամբ հաստատած կեանքը փոփոխել, եւ ոչ եւս միահանդերձ, բոկոտն, առանց հացի եւ ջուրի, լոկ բանջարով ու թրջած` եւ ոչ իսկ եփած ընդեղէնով կեանք վարել հայրապետանոցի մէջ, ուր պարտաւոր էր նաեւ արքունական ճոխութեանց մասնակցիլ, եւ ժողովրդական եւ իշխանական կեանքին համակերպիլ: Հարկաւ այդ փոփոխութիւնն է, որ չարաչար ազդեց Մաշտոցի վրայ, եւ առաջին անգամ ստամոքսը կրեց անոր ձախող հետեւանքը, եւ վերահաս ախտ մը կարճեց անոր սրբակրօն կեանքին թելը:

697. ՄԱՀՆ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Մաշտոցի սակաւօրեայ կաթողիկոսութեան միջոցը նշանաւոր եղելութեանց ալ առիթներ չունեցաւ, վասնզի Ափշին նոր էր հաշտութիւն կնքած, եւ թշնամութիւնները վերանորոգելու պատեհ ալ կը պակսէր, որով խաղաղութեամբ անցան Մաշտոցի եօթը ամիսները: Նորա մահուան օրը ճշդել դժուար կ՚ըլլայ Յայսմաւուրքին տուած թուականով, որ սահմի 4-ին կամ Հոկտեմբերի 13-ին կը դնէ Մաշտոցի յիշատակը (ՅԱՍ. Բ. 187): Այս համեմատութիւնը անշարժ տոմարի դրութեամբ է, որ այն ատեն դեռ կազմուած չէր, եւ շարժական տոմարով սահմի 4-ը 346-ին կը պատասխանէր Յունիս 18-ին: Արդ ամանորը Ապրիլ 16-ին սկսած լինելով, նոյն տարւոյն մէջ սկսուած կաթողիկոսութեան եօթնամսեան չէր կրնար Ապրիլէ Յունիս միջոցին մէջ պարունակուիլ: Դժբախտաբար Պատմաբանն ալ օրերու կամ տօներու յիշատակութիւն մը չունի, որ անոնց ուսումնասիրութեամբ հաւանական հաշիւ մը կազմէինք: Կը մնայ ուրեմն որ Հայոց 346 թուականին մէջ երեք կաթողիկոսներու իրարու յաջորդած ըլլալը պինդ բռնելով` հետեւցնենք, որ թերեւս սահմի 4-ը, որ է 897 Յունիս 18-ը, Մաշտոցի ընտրութեան թուականը ըլլայ, որով անկէ 7 ամիս յառաջելով 898-ի Յունուարի վերջերը տեղի ունեցած կ՚ըլլայ անոր մահը, եւ 898 Փետրուարին կ՚իյնայ Յովհաննէսի կաթողիկոսանալը, տակաւին Հայոց 346 տարին չլրացած, որուն վերջը կ՚իյնայ Ապրիլ 15-ին: Մաշտոցի համար նշանաւորագոյն պարագան անոր անունին Յայսմաւուրքին մէջ անցած ըլլալն է, Յիշատակ սուրբ հայրապետին մերոյ Մաշտոց վարդապետին մակագրութեամբ (ՅԱՅ. 121), որուն ոչ ատենը կրնանք ճշդել եւ ոչ որուն իշխանութեամբ անցած ըլլալը: Թերեւս նոյնինքն իր աշակերտ եւ յաջորդ կաթողիկոսն էր այդ ընողը, թէպէտ Յայսմաւուրքի կատարեալ կազմութիւնը աւելի ուշ տեղի ունեցած է: Մաշտոցի նշխարք ոսկերաց հանգուցեալ եղեն ի Գառնի, մերձ առ հովանոցին Խոսրովիդխտոյ, զոր էր շինեալ Տրդատայ Հայոց արքայի (ԱՍՈ. 147), կամ աւելի յետին ժամանակաց բացատրութեամբ, հուպ առ զարմանալի բախտն Տրդատայ, հաւանաբար Գառնի մեռած ըլլալուն համար: Նոյնտեղ շինեցին ի վերայ նորա վայելուչ եկեղեցի (ԿԻՐ. 46), սրբութեան համբաւը կանուխէն տարածուած ըլլալուն: Մաշտոցի գերեզմանը երեւան եկաւ վերջին ատեններ Գառնիի մէջ կատարուած պեղումներուն կարգին, եւ վրան յստակօրէն կը կարդացուի ՅԽԶ հայկական թուականը (11 ՈՍՏ. 562):

698. ՄԱՇՏՈՑ ԾԻՍԱՐԱՆ

Մաշտոց անունը յատկացուած է Հայ Եկեղեցւոյ ծիսարանին, եւ որովհետեւ երկու նշանաւոր Մաշտոցներու կը հանդիպինք պատմութեան մէջ, Մաշտոց Մեսրոպի եւ Մաշտոց կաթողիկոսի, խնդիրի տեղի կու տայ ծիսարանին տրուած կոչումին ծագումը: Շատերուն կարծիքն է, թէ Սա, Մաշտոց կաթողիկոսը, կարգեաց զգիրսն որ ըստ իւր անուան Մաշտոց կոչի, ժողովեալ զամենայն կարգեալ աղօթս եւ զընթերցմունս ի միասին յարմարեալ յաւելուածով իւրմէ (ԿԻՐ. 45), մինչ ուրիշներուն տեսութեամբ աւելի պատուաւոր կը նկատուի Մաշտոց Մեսրոպի վերագրել, մանաւանդ որ ծիսական կարգեր անդստին հինգերորդ դարէն կազմուած էին 196): Բայց մենք հաւանականագոյն պիտի դասենք Մաշտոց կաթողիկոսին վերագրել անունը, որովհետեւ Մաշտոց անունը ոչ թէ ծիսական կարգերը կազմելէն է առնուած, այլ անոնք նիւթապէս հատորի մը մէջ ամփոփելէն: Եթէ անունը ծիսական կարգեր կազմելէ առնուէր, ոչ թէ Մեսրոպի այլ Սահակի անունը պէտք էր գործածուէր, վասնզի պատմութեան համեմատ Սահակ եղած էր անոնք կազմողը, եւ հայրապետական իշխանութեամբ հաստատողը, ինչ որ Մեսրոպ չէր կրնար ընել: Իբրեւ ոչ անարգելի դիտողութիւն կ՚աւելցնենք, թէ Մեսրոպ վարդապետին Մաշտոց անունը աւելի գործածական չէր եղած իր ժամանակ, որ գիրքին ալ տրուէր, եւ թէ նա աւելի Մեսրոպ անունովն է յիշուած: Դարձեալ Մեսրոպի առաջին անունը Մաշթոց է գրուած, եւ ոչ Մաշտոց, ինչպէս հաստատուն կերպով գրուած է թէ ծիսարանին եւ թէ կաթողիկոսին անունը: Վերջապէս պէտք չէ ենթադրել որ Մաշտոց քանի մը ամսուան կաթողիկոսութեան մէջ այդ գործը գլուխ հանած ըլլայ, վասնզի ըրածը հայրապետական իշխանութեան պէտք չունէր, այլ պարզապէս գրչութեան եւ գրագրութեան գործ մըն էր, որուն շատ յարմար կու գար Սեւանի առանձնութիւնը, իր գրական կեանքը եւ ուսումնական աշխատասիրութիւնը: