Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Ե. ԴՐԱՍԽԱՆԱԿԵՐՏԱՑԻ

699. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Յովհաննէսի ծագումը, իր իսկ խօսքով, եղած է ի դաստակերտ Դրասխկերտէ (ՍԱՄ. 277), որ աւելի ուղղութեամբ Դրասխանակերտ կոչուած է, եւ է հին դաստակերտ Արտաշէսի, որ Տրդատէ Կամսարի շնորհուեցաւ (ԽՈՐ. 177): Ուրիշներ Յովհաննէսը ի քաղաքագեղջէն Գառնոյ (ԿԻՐ. 46), կամ ի Դըւնայ (ԱՍՈ. 147) կ՚ըսեն, ինչ որ կրնանք մեկնել Դրասխանակերտին յիշեալ երկու նշանաւոր տեղերուն մէջտեղ աննշան գիւղի վերածուած ըլլալովը, վասնզի սովորութիւն է գլխաւոր քաղաքին անունով յիշատակել աննշան գիւղերէ եղող անձերը: Դրասխանակերտին աննշան տեղ դարձած ըլլալուն նշանն է, որ յետիններէն ոչ ուստեք կը գտնենք անոր բուն գիրքին բացատրութիւնը: Յովհաննէս ըստ արեան կամ ըստ մարմնոյ, հարազատ եւ մերձաւոր էր Մաշտոց վարդապետին (ՍԱՄ. 277), եւ այդ բառերուն իմաստով` յարմար է եղբօրորդի կամ քեռորդի ենթադրել: Ի մանկութենէ մտած էր անոր աշակերտութեան(ՅՈՎ. 230) Արտաւազի եւ Սեւանի վանքերուն մէջ, այլ ընթացքը լրացնելով անցած էր հայրապետանոցի պաշտօնէութեան Գէորգի օրէն 691), եւ թերեւս իր այնտեղ ստացած ազդեցութեան հետեւանքն էր` Մաշտոցի ալ հայրապետութեան կոչուիլը: Ասոր նշան կրնայ ընդունուիլ, որ յետ սուղ ժամանակաց փոխադրութեան կենաց առն Աստուծոյ (ՍԱՄ. 277), ինքն Յովհաննէս` թագաւորին եւ իշխանաց եւ եկեղեցական դասուն բռնադատութեամբ, անմիջապէս կը կոչուի յաջորդել իր ազգակցին եւ վարդապետին, որուն հարկաւ թեւ թիկունք ալ էր կաթողիկոսարանի գործերուն մէջ, որոնց նուազ փորձառու կ՚ենթադրուէր Սեւանի անապատականը: Յովհաննէսի կաթողիկոսութեան պարագաները պատմելու համար մեր առջեւը առատահաս աղբիւր ունինք իր իսկ գրած պատմութիւնը, որուն ամբողջ կէս մասը կատարեալ ինքնակենսագրութիւն մըն է, հանգամանօրէն պատմուած, միայն թուականներու յիշատակութիւնը ընտանեկան չէ եղած Պատմաբան կաթողիկոսին, որ իբրեւ մականուն ստացած է իր աշխատասիրութենէն առնուած կոչումը: Յովհաննէս իրեն համար կ՚ըսէ, թէ ինեւ հանդերձ լցեալ եղեւ թիւ յոբելեանին յիսներեկի համարոյ հայրապետութեանս Հայոց, որ սկիզբն առ յերջանիկ եւ սուրբ Լուսաւորչէն Գրիգորէ մինչ ցարդ եւս (ՍԱՄ. 277): Եւ այս կատարելապէս կը համաձայնի մեր ցուցակին ալ, ըստ որում Յովհաննէս յիսներորդ կաթողիկոս է, եւ անգամ մըն ալ կը հերքուի Սուրմակն ու Բագարանցին կաթողիկոսներու ցուցակին անցնողներուն դրութիւնը: Սովորաբար Պատմաբանը` Յովհաննէս Զ. անունով նշանակուած է նոր պատմագիրներէ եւ ցուցակագիրներէ` Բագարանցի հակաթոռը թուաբերութեան խառնելով, ինչ որ մենք չընդունեցանք, եւ ըստ այնմ կազմեցինք Յովհաննէսներու շարքը 389), որուն համեմատ Հինգերորդ պէտք է յիշուի Դրասխանակերտացի Յովհաննէսը:

700. ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԵՒ ՎԱՆՔԵՐ

Յովհաննէսի առաջին հայրապետական գործն եղաւ Երազգաւորս կամ Շիրակաւան քաղաքին մէջ թագաւորական ապարանքին մօտ Սմբատի հիմնարկած եւ աւարտած մեծ եկեղեցւոյ նաւակատիքը կատարել (ՅՈՎ. 231): Ժամանակիս իշխաններուն մէջ մրցակցութիւն մը կար եկեղեցիներ եւ վանքեր կառուցանելու եւ շէնցնելու, եւ անոնք կալուածներով ճոխացնելու, եւ այդ մասին համամիտ կը գործէին Բագրատունի եւ Արծրունի եւ Սիւնի երեք տուներն ալ: Ոչ միայն ժամանակակից պատմիչներ երկարօրէն կը նկարագրեն անոնց առատաձեռնութիւնները եւ մեծագործութիւնները, այլ եւ ինչչափ որ հնութեանց յիշատակներ եւ Հայ ճարտարապետութեան մնացորդներ կան այժմ Հայաստանի մէջ, չըսեմ ամբողջաբար, այլ գրեթէ ամբողջաբար այդ ժամանակներու շինուածներ են: Այդ շինարար հոգւոյն շարժառիթը աւելի քան մեծագործութեան փառասիրութիւնը, բարեպաշտական զգացում մըն էր, որուն իբրեւ նմոյշ կրնայ առնուիլ Շապուհ Բագրատունիի, Սմբատի եղբօր յայտարարութիւնը, թէ իմացայ եւ ծանեայ թէ ամենայն փառք եւ մեծութիւն սպառելոց են եւ վաղիւ կորնչելոց, եւ Վահեվանքի եկեղեցւոյն շինութիւնը յիշելով կը յարէ, թերեւս լիցի ողորմութիւն յայնմ աւուր, յորժամ բանքն սպառին եւ գործքն թագաւորեն (ՕՐԲ. Բ. 226): Տեղագրական աշխատութեան կը պատկանին այն բազմաթիւ յիշատակները, զորս Արծրունին Արծրունիներէ, Օրբէլեան Սիւնիներէ, եւ Պատմաբանը Բագրատունիներէ հիմնարկուած եւ նորոգուած, եւ կալուածներով ճոխացած եկեղեցիներու եւ վանքերու վրայ գրած են, այլ մենք զանց կ՚ընենք յառաջ բերել մեր պատմութեան կարգին:

701. ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

Երբոր Հայաստանի մէջ գոհացուցիչ հանդարտութիւն կը տիրէր, Սմբատ թագաւորի բարեմիտ, բայց ոչ թերեւս կշռադատ մի գործը, առիթ տուաւ երկրին մէջ նախանձի կրակը վառել, եւ դուրսէն ալ բռնութեան հրդեհը հրաւիրել: Ատրներսէհ Վրաց իշխան կամ բդեշխ կամ կիւրապաղատ, առջի օրէն Սմբատի համակիր եւ օգնական գտնուած էր, Աբաս սպարապետի խլրտումներէն սկսելով 655): Սմբատ ուզելով իր երախտագէտ բարեկամութիւնը յայտնել, անոր թագաւորական անուն եւ պատիւ կը շնորհէր, եւ երկրորդ իւրոյ տէրութեան զնա հաստատէր (ՅՈՎ. 232): Սմբատի ստեղծած նորութիւնը բոլոր Հայ իշխաններուն փափաքը կը սրէր իրենք ալ թագաւոր հռչակուելու, եւ երբ չէին ընդունէր ուզածնին, Ափշինի ականջը կասկածոտ խօսքեր կը հասցնէին Սմբատի նկատմամբ: Ափշին պատեհ կը սեպէր թշնամութիւնը նորոգելու, եւ կասկած չտալու համար, նախ դէպի Տփղիս կ՚արշաւէր, անկէ յանկարծուստ Շիրակ իջնելու համար: Սմբատ ըստ սովորութեան Տայոց լեռները կ՚ապաւինէր, եւ կը յաջողէր շուտով այնչափ բանակ մը հաւաքել, որ Ափշին զարնուելէ կը խուսափէր, եւ բարեկամական ողջոյնի եկած ըլլալու ձեւը տալով, եւ իր որդին Դեւդատը ներքինապետին խնամակալութեամբ Սմբատին յանձնելով` Դուին կը թողուր, եւ ինքն Ատրպատական կը մեկնէր առաւելագոյն զօրութեամբ դառնալու դիտմամբ: Այդ առթիւ Սահակ արքայեղբօր այրին, ընծաներով Ափշինը կը համոզէր, եւ պատանդ տրուած Սմբատ որդին ետ կ՚առնէր: Սմբատ թագաւոր ալ ներքինապետը կը շահէր եւ իրեն մտերիմ կ՚ընէր, եւ անոր ձեռքով իր Աշոտ որդին եւ անոր կինը պատանդութենէ, եւ Մուշեղ որդւոյն կինը գերութենէ կ՚ազատէր: Ափշին կատղած մեծ զօրութեամբ Սմբատի դէմ ճամբայ կ՚ելլէր, բայց նպատակին չհասած, ժանտ հիւանդութիւն մը կը տարածուէր բանակին մէջ, շատեր կը կոտորուէին, ինքն Ափշինն ալ չարաչար ախտով կը մեռնէր, եւ այսպէս վտանգը կը փարատէր: Դեւդատ զինքն ապահով չզգալով Դուինէ կը փախչէր, եւ Եուսուֆ կամ Յուսուփ որդի Սաճի, Ափշինի եղբայրը, Ատրպատականի ոստիկանութեան կը յաջորդէր: Սակայն անմիջապէս թշնամութեանց չէր ձեռնարկեր, պէտք ունենալով հարկաւ նախապէս իր դիրքը ամրացնել, եւ իր բռնութեանց միջոցները կարգադրել: Յուսուփի անունը պատմութեան մէջ զուգակշիռ է Բուղայի անունին, եւ թերեւս բանով մը անիկա ալ կը գերազանցէ: Ափշինի մահը, Հայոց 347 թուին նշանակուած ըլլալով (ԱՐԾ. 273), ի դէպ է տարւոյն երկրորդ կիսուն մէջը 899-ին գարնան սկիզբը դնել եղելութիւնը:

702. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ԱՐԾՐՈՒՆԻՔ

Վասպուրականի իշխաններուն ոխերիմ թշնամի մը եղած էր Հասան Արծրունի, դենադարձ կամ ուրացեալ Վասակի որդին եւ Աշոտ Արծրունիի հօրաքեռորդին, որ Սեւանի բերդին մէջ ամրացած էր, շարունակ քսութեամբ գրգռած էր Ափշինը ազգականներուն դէմ եւ ինքն ալ դավաճանութիւններ կը լարէր որչափ որ կրնար: Սոյն այս 899 տարւոյ վերջերը, ձմեռնային միջոցին, Աշոտ Արծրունի Վասպուրականի իշխանը, Լումբայ գաւառի Փարակ (ԱՐԾ. 309) կամ Փորակշամբայ (ՅՈՎ. 239) ձորը, Պղուանք գիւղը կը գտնուէր, երբ Հասան կարծելով դիւրաւ Աշոտը ձեռք ձգել, հետիոտն գունդով մը կու գայ զայն պաշարել, երբ ներսը անհոգ հանգիստի վրայ էին: Երդիքէն ներս մտնելու դիտմամբ, նիզակին ոյժ տալով տանիքին վրայ կը բարձրանայ, սակայն ուժգին ցատկելէն տանիքը կը չոքի, եւ Հասան զինքը Աշոտի մարդիկներուն մէջ կը գտնէ, որոնք զինքը իսկոյն կը կալանաւորեն, եւ իր լարած թակարդին մէջ ինքն կը բռնուի: Աշոտի համար բարեդէպ միջոց մըն էր Սեւանը գրաւելու, ուստի բերդին վրայ քալելով, Հասանի ազատութեան փոխարէն բերդը կը պահանջէր: Բերդակալները, որոնց մէջ էին եւս Հասանի մայրը եւ համամայր մէկ եղբայրը, թէպէտ յանձնելու մտադիր, բայց չէին վստահեր Աշոտի խոստումին: Իրողութիւնը թագաւորին եւ կաթողիկոսին ականջը հասնելով, անմիջապէս միջնորդութեան կը ձեռնարկէին, եւ պէտք կ՚ըլլար որ Յովհաննէս անձամբ Աշոտին երթայ գործը վերջացնելու, եւ կը յաջողէր իսկ առնուլ յետկար սաստիկ երդմանց, լուծանել թողուլ ողջանդամ եւ անվնաս զՀասան: Կաթողիկոսը միւս կողմէն ալ բերդակալները կը համոզէր, եւ իրօք բերդը Աշոտի կը յանձնուէր, բայց Հասան չէր թողուեր հակառակ կաթողիկոսին պահանջման եւ Աշոտի եղբօր Գագիկի միջնորդութեան: Վերջապէս Աշոտ Հասանի երկու աչուըները կուրցնել տալով ազատ կը թողուր: Կաթողիկոսին ծանր կու գար Աշոտի ուխտադրուժ երդմնազանցութիւնը, եւ իր եկեղեցական հեղինակութիւնը կը գործածէր. Իսկ իմ, կ՚ըսէ, զաւետարանական իշխանութիւն ի գործ արկեալ, եւ բանիւ սահմանականաւ կապեալ զիշխանն, տրտում թախծանօք անցեալ գնացի (ՅՈՎ. 242): Յովհաննէսի այդ ընթացքը ցոյց կու տայ անոր հաստատամիտ բնաւորութիւնը, վասնզի ստէպ չենք հանդիպիր բանիւ կապելու կամ բանադրելու վճիռներուն: Բայց կ՚երեւի թէ Սմբատի միջնորդութեամբ շուտով վերցուած է եկեցեղական կապանքը, որովհետեւ անմիջապէս պիտի տեսնենք երկուքը միասին պատերազմի ելած: Իսկ Հասանի համար կը վկայէ Արծրունին, թէ զրկեալ ի զգալի լուսոյն, ոգւոցն բացան աչք, եւ իսկոյն կրօնաւորեալ կեայր սրբութեամբ մինչեւ ցօր վախճանի իւրոյ (ԱՐԾ. 310):

703. ՍՄԲԱՏ ԵՒ ԱՐԾՐՈՒՆԻՔ

Յիշեցինք ուրիշ տեղ որ Հայաստանի մէջ Հայ իշխաններու նման Տաճիկ իշխաններ ալ կային, որոնք Հայոց թագաւորին ձեռաց ներքեւ էին իբրեւ աւատապետ, եւ ասոնց գլխաւորները կը գտնուէին Դըւնայ եւ Ապահունեաց գաւառները: Ապահունեաց կողմը այդ միջոցին կ՚իշխէին Աբդըռհամանի կամ Ապտիւրրահմանի որդիքը` որք Կայսիկ կոչուած են, եւ քաջալերուելով Ատրպատականի ոստիկանին Հայոց բարեկամ չըլլալէն, զլացան հարկին սակը վճարել: Սմբատ պարտաւորուեցաւ պատերազմի ելլել 902-ին, եւ իրեն օգնութեան փութաց Աշոտ Վասպուրականի իշխանը, մէկտեղ ունենալով Մոկաց Գրիգոր եւ Անձեւացեաց Ատոմ իշխանները իրենց գունդերով: Ասկէ կը հետեւցնենք թէ Յովհաննէսի բանադրանքը արձակուած պէտք էր ըլլար: Կայսիկները մէկ կողմէն հաշտութիւն կը խնդրէին, եւ միւս կողմէն անակնկալ յարձակում կ՚ընէին Սմբատի գունդին վրայ, որ անակնկալի հանդիպելով ետ կը քաշուէր: Բայց Վասպուրականցի նիզակակիցներ վրայ կը հասնէին եւ թշնամին ետ կը մղէին, եւ Կայսիկները հաշտութեան կը ստիպէին, թէ հարկը եւ թէ քանի մը քաղաքներ տալու պայմանով (ԱՐԾ. 277): Աշոտ իրեն օգնականներով յաջորդ տարին ալ, 903-ին, օգնութեան եկաւ Սմբատ թագաւորին, երբոր Սմբատ Սիւնեաց իշխան ուզեց հարկը զլանալ, եւ իբրեւ թագաւոր` ուղղակի Ատրպատականի ոստիկանէն կախում հաստատել: Սմբատ Սիւնի չյանդգնեցաւ իր վրան եկած բանակին ընդդիմանալ, եւ Աշոտը միջնորդ բռնեց խաղաղութեամբ գործը վերջացնելու, եւ եղբօրը Սահակ Սիւնիի հետ, հարկին գումարը յղեց, եւ առանց արիւն թափելու գործը վերջացաւ (ԱՐԾ. 278): Բայց Աշոտ չկրցաւ երկար վայելել Սմբատի հովանաւորութեամբ կազմած նոր դիրքը: Տարի մը ետքը Նախիջեւան կ՚երթար, զոր Սմբատ թագաւոր իրեն տուած էր` ստացած օգնութեանց փոխարէն, երբ տկարացաւ ծանր հիւանդութեամբ, զոր անմերձենալի ճարտարաց բժշկական ձեռնարկութեան կ՚անուանէ պատմիչը, եւ որովայնացաւութիւն կը կոչէ: Աշոտ 40 օր անկողին մնաց Նախիջեւանի մէջ եւ 29 տարեկան վախճանեցաւ արեգի 4-ին Երեքշաբթի օր մը (ԱՐԾ. 279) որ կրնայ յարմարիլ 904 Նոյեմբեր 13-ին: Արծրունի պատմիչը երկար գովեստներ եւ ողբեր կը գրէ իր Արծրունի իշխանին վրայ, որուն մահուան ատեն, կ՚ըսէ, ես իսկ առընթեր գոլով անվրիպագոյն իրազեկ եղէ անոր հաւատքին մեծութեան (ԱՐԾ. 281), մինչ Պատմաբանը երդմնազանցութիւնը յիշելով` տգիտութիւն յանդգնութեան կը վերագրէ Աշոտի, եւ տարաժամ մահն ալ կերպով մը իբր անոր հետեւանք կը նկատէ (ՅՈՎ. 242): Վասպուրականի իշխանութիւնը անցաւ եղբօրը Գագիկին, որ իր միւս եղբօր Գուրգէնի հետ երկուքի բաժնեց Արծրունեաց իշխանութեան գաւառները (ԱՐԾ. 282): Միւս կողմէն Սմբատ ալ կորսնցուց իր Շապուհ եւ Դաւիթ եղբայրները, եւ սպարապետութիւնը տրուեցաւ Շապուհի որդւոյն Աշոտին (ՅՈՎ. 244):

704. ՅՈՒՍՈՒՓԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Երբոր Յուսուփ Ատրպատականի ոստիկան եղաւ, Սմբատ պատեհ սեպած էր նոր ոստիկանին հետ նոր ընթացք բռնել, եւ Ատրպատականի հետ յարաբերութիւնները խզել, ինչ որ իր մեծ նպատակն էր: Այդ դիտմամբ ղրկած էր դեսպակս եւ ընծայս գեղեցկայարմարս Իսմայէլեան ամիրապետին ի Բաբելոն, որ էր տակաւին Մըթագէտ-Պիլլահ, որ վաղվաղակի խնդութեամբ զոր խնդրեացն կատարէր, եւ այս առթիւ Սմբատը նորէն կը մեծարէր, ղրկելով զգեստ արքունական եւ թագ արքայական, եւ կամար ականակապ ի համակ ոսկւոյ, եւ սուսեր պատուական, եւ երիվարս իբրեւ օդագնացս իմն` կազմուածով զինուց եւ զարդուց: Սմբատ այն ատեն իր յաջողութեան վրայ մեծապէս գոհ մնաց, եւ յոյժ ուրախ լեալ զուարթացեալ զուարճացաւ (ՅՈՎ. 244): Ափշինի մահը հաշուեցինք 899-ի գարունին 701), նոյն տարւոյ ամառուան մէջ լրացած կ՚ըլլան այդ բանագնացութիւնները, եւ աշունի մօտ պէտք է դնել Յուսուփի յարձակումը, որ նոյնիսկ ամիրապետէն ընդվզելով, ուզեց Հայերը իրեն հպատակեցնել (ՅՈՎ. 246), իսկ ամիրապետը ուրիշ հպատակներու հետ Սմբատին ալ հրամայեց որ Յուսուփի դէմ պատերազմի (ԱՍՈ. 150): Յուսուփ Փայտակարանի եւ Ուտիի ճամբով Հայաստան իջաւ, եւ մինչեւ Դուին ու Շիրակ յառաջացաւ, ուր Սմբատի կողմէն պատրաստուած զօրաւոր բանակը տեսնելով կասեցաւ, եւ իր Ասորի քրիստոնեայ քարտուղարը դեսպան ղրկեց, ու բարեկամական յայտարարութիւններ ըրաւ, զամենայն վախս եւ զբաղայս ի բաց ի խորհրդոյ նորա տրոհեալ տարեալ (ՅՈՎ. 247): Այս կերպով բարեկամութիւն կը հաստատէին, իրար կը վստահեցնէին եւ յետկար երդմանց միմիանց կնքեալ տային: Բայց որովհետեւ դառնաշունչ ժամանակ ձմերային ցրտոյն հասած էր, Յուսուփ ձմեռը Դուին կ՚անցընէր, եւ Սմբատ Երասխաձոր գաւառի Նախճրաձոր գիւղը: Զատկին մօտենալուն Ատրներսէհ Վրաց թագաւոր Սմբատի այցելութեան կու գար եւ տօնը միասին կը կատարէին (ՅՈՎ. 248), որ 900-ին կ՚իյնար Ապրիլ 20-ին: Յովհաննէս կաթողիկոսն ալ պէտք է անոնց հետ եղած ըլլայ, վասնզի երբ գարնան բացուելուն, Յուսուփ Ատրպատական կը մեկնէր, եւ այդ առթիւ նոր ընծաներ կը ղրկէր Սմբատ թագաւորին եւ Աշոտ արքայորդւոյն, ես եւս, կ՚ըսէ Յովհաննէս, որ զայս գրեցի, պատուեցայ պատուասիրաբար յոստիկանէն զգեստուք ըստ օրինակի կարգիս, եւ ջորի պաճուճաբար ոսկեզօծ զարդուք առաջի մատուցանելով ինձ (ՅՈՎ. 249): Սմբատ ալ փոխադարձաբար ընծաներ ղրկեց Յուսուփի, հռոմայական ճարտարաց գործերը, տասնապատիկ յաւելուածով քան զմիանգամայն իսկ ընկալեալ: Յուսուփ մեկնեցաւ, այլեւս պատերազմ նորոգելու գաղափարն ալ չունեցաւ` Մըթադէտ ամիրապետն ալ իրեն հակառակ տեսնելով, եւ Հայաստան շունչ առաւ պատսպարեալ եւ յաջողեալ ի բոլոր բարութիւնս (ՅՈՎ. 250): Այդ միջոցն է որ Սմբատ արտաքին թշնամիներէ ազատ ներքին գործերով կը զբաղի, եւ տեղի կ՚ունենան Հասան Արծրունիի, Կայսիկներու եւ Սմբատ Սիւնիի միջադէպերը, զորս կանխեցինք պատմել: Հայոց թագաւորին գերիշխանութեան ներքեւ կը գտնուէին Եգերացւոց Կոստանդին եւ Վրաց Ատրներսէհ թագաւորները, Սիւնեաց Գրիգոր Սուփան եւ Սիսականի Սմբատ Սիւնի իշխանները, եւ Արծրունեաց Աշոտը` որուն կը յաջորդէ Գագիկ, եւ Վասպուրականի հարեւան իշխանները: Ասոնք ամէնքը յապահովացեալք եւ հանգուցեալք ի հինից ասպատակաց, մէկ կողմէն երկրին բարօրութեան կը հետեւէին այգիներ, ձիթաստաններ, պարտէզներ եւ արտեր, անդեայներ եւ հօտեր շատցնելով, միւս կողմէն շինէին զեկեղեցիս եւ կը պայծառացնէին մենաստան (ՅՈՎ. 251): Յունական կայսրութեան հետ ալ բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէին, եւ Լեւոն կայսր ու Սմբատ թագաւոր միաբանական սիրոյ արտայայտութիւններ եւ ընծայս եւ պարգեւս եւ պատիւս կը փոխանակէին:

705. ՀԱՆԴԱՐՏ ՄԻՋՈՑ

Հանդարտութեան տեւողութիւնը որոշ տարիներով չի ճշդեր Պատմաբանը, միշտ մանրամասնութեանց մտադիր եւ ժամանակագրութեան անուշադիր: Մըթադէտ-Պիլլահ ամիրապետ մեռաւ 902-ին, եւ իրեն յաջորդեց որդին Մըքթաֆի-Պիլլահ, որ մինչեւ 908 իշխանութիւն վարեց: Արտաքին պատմիչներ զինքը կը նկարագրեն ըստ ամենայնի իր հօրը համանման (ՎԵՐ. 455), որով կը յորդորուինք հետեւցնել թէ Յուսուփի հանդէպ ընթացքը միեւնոյն մնաց, եւ Հայաստանի խաղաղութիւնը չվրդովուեցաւ իր ատենը: Մերոնք անգամ մըն ալ կը յիշեն թէ Յուսուփ, որ եւ Սաճն անօրէն, ապստամբեալ յամիրապետէն նշկահեաց զնա (ԱՍՈ. 150), եւ թէ ապստամբեալ Յուսփայ յիւրմէ ամիրապետէն կամէր ի դիմի հարուլ նմա (ՕՐԲ. Ա. 228), եւ թէ ամիրապետը Սմբատին ալ կը հրամայէր անոր դէմ ելլել, եւ թէ Սմբատ թէպէտեւ յաւէտ դժկամակ այսմիկ գտաւ վասն դաշանց սիրոյն, որ ընդ Յուսփայ եդեալ էր, սակայն ոչ կարացեալ մերժել լքանել ի բաց զարքունական հրամանն (ՅՈՎ. 256), յոչ կամաց բազմութիւն զօրաց առաքէ (ԱՍՈ. 150), թէպէտեւ միւս կողմէն ձեռքի տակէն Յուսուփի լուր կը ղրկէ, թէ ի թիկունս օգնութեան նմա կը ղրկէր իր բանակը: Յուսուփ թէպէտ եւ առաջ անսայր բանիցն, բայց ի սադրելոյ սպրդող չար լեզուաց ներքնապէս չէր հաւատար, ու ինքզինքը չյայտնելով շփոթ պատասխան կը ղրկէր (ՅՈՎ. 257): Յուսուփ միեւնոյն ատեն կը պարտաւորուէր լռել եւ հանդարտիլ, եւ նորէն ամիրապետութեան հետ հաշտուիլ, մինչեւ որ իրաւունք ստացաւ նորէն Հայաստանը իր գերիշխանութեան ներքեւ առնուլ (ՅՈՎ. 258): Այդ փոփոխութեան թուական ցուցուած է Հայոց 356 տարին (ԱՍՈ. 150), որ կը պատասխանէ 907-908 տարւոյն, Ապրիլ 14-էն սկսելով ամանորը, 908 տարին ալ ամիրապետ Մըքթաֆի-Պիլլահին մահուան եւ իր 13 տարեկան որդւոյն Մըքթատիր-Պիլլահին գահակալելուն թուականն է: Մինչ Մըքթաֆի միշտ արիութեամբ ըմբոստները կը նուաճէր, ինչպէս Յուսուփի համար ալ տեսանք, Մըքթատիրի հետ տկար եւ թոյլ իշխանութիւն մը սկսաւ (ՎԵՐ. 456), եւ այս է յայտնապէս Յուսուփի գտած յաջողութեան պատճառը, որուն հաստատութիւնն ալ կը գտնենք Արծրունիին մօտ, որ Ջափր Մոկթդիր կը կոչէ Յուսուփի նպաստաւոր ամիրապետը (ԱՐԾ. 322): Հետեւապէս Հայաստանի խաղաղութեան եւ Սմբատի հանդարտ իշխանութեան տարիները իրաւունք կ՚ունենանք 900-էն մինչեւ 908 երկարել, որ Պատմաբանին գովաբանած յաջողութիւններուն եւ շինութիւններուն իրականանալուն բաւական եղող միջոց մըն է (ՅՈՎ. 120):

706. ՆԵՐՔԻՆ ԳԺՏՈՒԹԻՒՆՔ

Յաջողութեան տարիներ ամէն տեղ դիւրութիւն ընծայած են ներքին խնդիրներ յուզելու. նոյնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ ալ: Սմբատ թագաւորին եւ միւս իշխաններուն միջեւ պաղութիւններ հետզհետէ ընդարձակուեցան: Առաջինը եղաւ Ատրներսէհ Վրաց թագաւորը, որուն մտերմութիւնը այնքան սերտ էր Սմբատի հետ: Կոստանդին թագաւոր Եգերացւոց` Սմբատի աներձագը եւ Ատրներսէհի փեսան, կը ձեռնարկէ իր սահմանները ընդարձակելու համար գրաւել Կովկասի այն կողմերը, որք նուաճեալք էին ընդ ձեռամբ արքային Սմբատայ: Սմբատ եւ Ատրներսէհ կը խրատեն զգուշանալ, եւ երբ չ՚անսար, Սմբատ վրան կ՚երթայ կը կալանաւորէ, երկրին վրայ կուսակալներ կը դնէ, եւ Կոստանդինը կը բանտարկէ յամուրն Անի երկաթի շղթայիւք: Չորս ամիս ետքը տեսնելով որ Եգերացիք բոլորովին ընդվզիլ կը պատրաստուին, նորէն Կոստանդինը իր տեղը կը դարձնէ, եւ սա ալ այնուհետեւ զինքն ի բազում հնազանդութիւն եւ ի մտերմական ծառայութիւն արքային Սմբատայ բերէր, ինչ որ Ատրներսէհ իրեն նախատինք եւ հակառակութիւն սեպելով, կը սկսի Սմբատի հետ թշնամանալ (ՅՈՎ. 255): Երբոր Յուսուփ կը յաջողի նորէն Հայաստանը իրեն ձեռքին ներքեւ առնել, Հայ իշխաններ փոխանակ իրենց թագաւորը զօրացնելու, կը սկսին Յուսուփը շողոքորթել, եւ ուղղակի անոր հետ մտերմութիւն հաստատել, եւ այս կերպով իւրաքանչիւրը իրեն համար առաւելութիւններ յուսալ: Անոնց կիրքերը աւելի կը յուզուին, երբոր Յուսուփ թէ' իր եւ թէ' ամիրապետին անունով կը պահանջէր կրկին ուժգնապէս տալ զսակն արքունի, նաեւ զամի միոյ զսակն ալ, զոր Մըքթաֆի խոստացած էր թողուլ` Յուսուփի դէմ ելնելու հրամանը տուած ատեն (ՅՈՎ. 256): Սմբատ նեղի մտած ընդ բոլոր աշխարհս տէրութեան իւրոյ հինգերորդել հրամայէ տուրքերուն սակերը (ՅՈՎ. 258), կրկնապատկելով սովորական տասնորդը, եւ բոլոր բերքերու եւ կենդանիներու հարիւրին քսանը տուրքի գրաւելով: Սմբատի համոզմամբ վերահաս վտանգէն ազատելու համար անհրաժեշտ էր հինգէն մէկը զոհել, քանի որ չորիւքն դիւրաւ զապրուստ անձանց մարթի վճարել (ՅՈՎ. 258): Բայց իշխանները այնպէս մտածել չուզեցին, այլ լաւագոյն սեպեցին Սմբատը մէջտեղէն վերցնել` որ Յուսուփի հակառակութիւնը դադարի: Դաւաճան խորհուրդին գլուխ կանգնեցաւ Հասան Հաւունի, որ իշխան եւ հրամանատար էր բոլոր տէրութեան արքայի, Ատրներսէհ ալ Սմբատի դէմ հակառակութիւնը գոհացնելու առիթ սեպեց, եւ այս երկուքը, եւ այլեւս միաբանեալքն ընդ նոսա դաւաճանութիւնը որոշեցին: Հասանի աները, յանձն առաւ գործադիր ըլլալ խողխողմանն արքայի, որոշեալ օր մը, որ իրենք ալ Երազգաւորս պիտի հաւաքուէին: Այլ խորհուրդը վիժեցաւ, որովհետեւ այն օր Սմբատ Տաշիրք գաւառը գացած էր, դաւաճանութեան ձայնն ալ լսուեցաւ, ամէն մէկը սկսաւ իրեն համար վախնալ, Հասան եւ Ատրներսէհ ալ Երազգաւորսը եւ Անին կողոպտելով Հայոց լեռները ապաւինեցան: Թագաւորին կողմնակիցները զայրացան, վրէժխնդրութեան համար դաւաճաններուն վրայ քալեցին, Վրաց կողմերը արեան ճապաղիս հեղուին, եւ Ատրներսէհ զթողութիւն հայցէր: Սմբատ կը զիջանի, մեծանձնութեամբ կը ներէ, միայն իր իսկ պաշտօնեաներէն դաւաճանութեան մասնակցողներէն ոմանք կուրացնելով կը պատժէ, ոմանք ալ Եգերացւոց կամ Յունաց կողմերը կ՚աքսորէ (ՅՈՎ. 262): Ժամանակագրական համեմատութեամբ ի դէպ է դաւաճանութեան գործը 908 տարւոյ ընթացքին մէջ դնել:

707. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ

Գագիկ Արծրունի Վասպուրականի իշխանը, Սմբատէն ցաւելով, որ Նախիջեւանը Սմբատ Սիւնիին ձեռքէն առնելով իրեն չի յանձներ, բոլորովին իսկ Սմբատէ գլուխ կը քաշէ եւ առատ ընծաներով Յուսուփի կը դիմէ, որ թագաւորական պատիւ եւ իրաւունք ստանայ, եւ դիւրաւ կը յաջողի եւ թագակերպեալ կու գայ յաշխարհ իւրոյ տէրութեանն (ՅՈՎ. 264): Արծրունեաց պատմիչը կը ջանայ Գագիկը արդարացնել, թէ Սմբատի հարկը զլանալուն համար, Յուսուփ զայն ուզած էր պատժել, եւ Գագիկի արժանիքը գիտնալով, զայն իրեն հրաւիրած` եւ թագաւոր ըրած էր, իրեն յանձնելով զբոլոր Հայաստան աշխարհս (ԱՐԾ. 321): Սակայն Սմբատի կողմէ տրուած հինգերորդելու հրամանը յայտնի կ՚ընէ Թովմայի կարկտանը եւ չ՚արդարացներ Գագիկի գործած բաժանման ձեռնարկը: Այս կերպով Հայ թագաւորներ չորս եղան, այսինքն է Բագրատունեաց, Վրաց, Եգերացւոց եւ Արծրունեաց, թող Սիւնեաց եւ Սիսականի եւ Մոկաց եւ Անձեւացեաց ազատ իշխանները: Ասոնց մէջ ինկած պառակտումը քաջալերական էր Յուսուփի, որ 909-ին գարնան նոր արշաւանք մը կազմակերպելով ուղիղ Սմբատի վրայ կը քալէր (ՅՈՎ. 268): Յովհաննէս կաթողիկոս փափաքելով հարուածին առջեւն առնուլ, Սմբատի եւ ուրիշ նախարարներու ալ կամակցութեամբ յարքունի թանգարանաց ոսկեճամուկ զգեստներ, եւ նկարակերպ կանանց ոստայնանկութեամբ կազմուած բազմականներ, ձիեր եւ ջորիներ, զարդեր եւ զէնքեր, եւ գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ կը հաւաքէ, նաեւ ի տանէ սրբարանաց բաւականաչափ ճոխ նիւթեր կ՚առնէ, եւ դէպի Ատրպատական ճամբայ կ՚ելլէ Յուսուփը գոհացնելու եւ ետ դարձնելու: Եկեղեցիներու գանձարաններուն իրերը ոստիկանին տանելու որոշումը կը պաշտպանէ Պատմաբան կաթողիկոսը, ըսելով թէ եկեղեցիներուն բոլորովին կողոպտելուն եւ քանդուելուն առջեւն առնել ուզած է մասնաւոր զոհողութեամբ (ՅՈՎ. 255): Յուսուփ գանձերն ու ընծաները առաւ, ու պատուով ընդունեց կաթողիկոսը, խոստանալով իսկ զհաշտութիւն աշխարհի շնորհել, եւ արքայի զխաղաղութեան կեանս, բայց քիչ ետքը միտքը փոխեց, կարծեմ, կը գրէ կաթողիկոսը, ի սադրելոյ նմա ի մերոց աստի, եւ տրուած գումարն ու գանձերը անբաւական գտնելով, աւելին կը պահանջէ, եւ իբրեւ պատանդ վար կը դնէ կաթողիկոսը, բայց ոչ պատուաւոր, այլ ի դիպահոջ բերեալ ի խաւարչտին տեղւոջ եւ շրջապատեալ բազում պահնակօք: Այդ միջոցին Յուսուփի մօտ կու գայ Գուրգէն Արծրունի եղբայր թագաւորեցելոյն Գագկայ, եւ անոր դիւրութիւններ կը ցուցնէ աշխարհս մեր գալոյ եւ ելանելոյ: Երբ Գուրգէն կը դառնայ, Գագիկ ինքն կու գայ Յուսուփի հրամանով, ի լիապատար թանգարանաց ընծայս բերեալ, միշտ նոյն նպատակով յարդել յարդարել զչու ճանապարհին ի Հայս, եւ առհասարակ զիւրեանց զվրէժ խնդրել յարքայէն Սմբատայ (ՅՈՎ. 267): Խեղճ Յովհաննէս իր բանտարկութեան մէջ կը յուսայ թէ Գագիկ հաճութեամբ պիտի չտեսնէ իր կաթողիկոսին նեղութիւնը, որպէս եւ քրիստոնէական պարտն պահանջէ, եւ պիտի միջնորդէ որ իրեն լուծումն ի կապարանէն լինիցի: Սակայն Գագիկ կաթողիկոսին Սմբատի կողմնակից լինելը կը մտածէ, ոչ միայն կաթողիկոսը չ՚արձակուիր, այլ եւս չարաչար ըստ մեղաց իմոց կապեցայ, կը գրէ Յովհաննէս (ՅՈՎ. 267):

708. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԶԱՏՈՒԱԾ

Յուսուփ բաւական բան մը Սմբատէ առած ըլլալով, եւ աւելին ալ ստանալու յուսով կաթողիկոսը բանտարկուած պահելով, իր ուղղութիւնը փոխեց, եւ դէպի Սիւնիք արշաւեց, այնտեղի իշխանները ճնշելու եւ կողոպտելու (ՅՈՎ. 268): Սմբատ Սիւնի` Սիսականի իշխանը, պահ մը փորձեց դիմադրել, բայց չտոկալով իր մայրը Շուշանը եւ իր կինը Սոփին` Դերենիկի դուստրը, եւ իր Սահակ եղբօր կինը, Երնջակի մէջ ամրացնելով, ինքն ապաւինեցաւ Վասպուրական, եւ Սահակ` Գուգարք, իրենց աներտանց մօտ, միւս եղբայրները Բաբգէն եւ Վասակ մնացին երկրին մէջ, ինչպէս եւ Գրիգոր Սուփանն ալ Սիւնեաց իշխանութեան գլուխը, բայց չկրցան արգիլել Յուսուփի ասպատակութիւնները, որ ջարդելով ու քանդելով, գերելով ու գերփելով, բոլոր Սիւնիքը արիւնով ներկեց, Հայոց 358 տարւոյ վերջերը յաւուրս տօնի սուրբ զատկին (ՕՐԲ. Ա. 231), որ 910-ին Ապրիլ 1-ին կը հանդիպէր, իսկ 359 թուականի ամանորը կ՚իյնար Ապրիլ 15-ին: Յուսուփ Սիւնիքէ դառնալուն Դուինի մէջ կը հաստատուի, եւ այնտեղէն Հայաստանի ամէն կողմեր ասպատակներ եւ հրոսակներ կը սփռէ: Գրիգոր Սուփան, նեղը ինկած կու գայ անձնատուր կ՚ըլլայ, անոր կը հետեւի եւ Վասակ Սիւնի, որ Սիսականի մէջ մնացեր էր, բայց մինչ Սուփան պատիւ կը գտնէր, Վասակ կը բանտարկուէր (ՕՐԲ. Ա. 231): Յուսուփ միւս կողմէն շարունակ Սմբատէ հարկեր կը պահանջէր, եւ թէպէտ սա 60. 000 դահեկան կը վճարէր(ՅՈՎ. 270), սակայն Յուսուփ չէր դադրեր զամն ողջոյն (ՕՐԲ. Ա. 231), Սմբատը հալածել որ Կղարջքի անառիկ լեռները քաշուած էր: Բոլոր այդ միջոցին Յովհաննէս կաթողիկոս կը մնար արգելեալ ի քաղաքն Դուին, ի մետաղս բանտից եւ երկաթից կապանաց, միշտ նորանոր դրամական վճարումներու ստիպման ներքեւ: Որովհետեւ պահանջից պատանդ մըն էր կաթողիկոսը, ստիպումները ուժովցնելու համար զայն կը տանջէին ալ, եւ դահիճներ ըստ հաճոյս կրել կու տային անոր գանս եւ բանտս, գելարանս եւ արգելարանս ի խաւարչտին տեղւոջ եւ յանձուկ վայրս, այլեւ ի վիրապս եւ ի վիհս խորոց սաստիկ եւ դառն կտտանօք (ՅՈՎ. 270): Այս խղճալի կացութեան մէջ կ՚անցընէր բոլոր ամառն ու վերահաս ձմեռը, մինչեւ 911 տարւոյ գարնան բացուիլը, առանց բարեյոյս նշան մը տեսնելու, եւ այն ալ յապստամբութենէ իշխանացն, որք ճեղքեցան ի մի միաբանութենէ սնոտի յուսով, եւ ածին խաւար մեծ ինքեանց եւ աշխարհիս Հայոց (ՕՐԲ. Ա. 231): Յովհաննէս կաթողիկոս, տեսնելով որ իրեն հասած նպաստներով ի բազմաց օգնականութենէ, բազումս վճարած էր, բայց այլեւս ոչ ոք էր որ օգնէր իրեն, վասնզի այլ ոչ եւս ունէին բնաւ ձեռն բաւական, խնդրեց եւ ստացաւ ելս հրաման թողութեան յոստիկանէն, այն պայմանով որ շրջի եւ դրամ հաւաքէ եւ պահանջուած սակին մնացորդը վճարէ: Թէ կրցաւ յաջողիլ, կամ թէ որչափ ինչ հաւաքեց ու վճարեց` բան մը չի գրեր, միայն թէ հալածեալ շրջեցայ, կ՚ըսէ, ի քաղաքէ ի քաղաք, մինչեւ հասաւ Աղուանից Սահակ իշխանին մօտ, եւ անկէ ալ գնաց ի կողմանս Գուգարաց, եւ անդ բնակեցաւ ակն ունելով փրկութեան: Իր ազատութեան հետամուտ եղած լինելուն վրայ անդրադառնալով կը յայտնէ, թէ զայդ ըրաւ ոչ ի զանգիտելոյ յառժամանակեայ մահուանէն որ ըստ Աստուծոյ, այլ վասնզի ոչ թէ հաւատոյ, այլ դրամի նահատակ եղած պիտի ըլլար, քանի որ ոստիկանը սակս ոսկւոյ անօրինէր, եւ միայն դրամի պատճառով զինքը կը տանջէր (ՅՈՎ. 273):

709. ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

Վերջին 910 տարւոյ միջոցին Յուսուփի անձնատուր եղողներուն մէջ էր եւս Աշոտ սպարապետ, Սմբատի եղբօրորդին, զոր Պատմաբանը կ՚աշխատի արդարեցնել, թէ Յուսուփը շահելու եւ մեղմացնելու դիտմամբ գնաց, եւ միայն ի մախացող խորամանկութենէ բռնաւորին եւ ի մահուան երկիւղէ ստիպուած հարկեցաւ ամենայն իրօք բերիլ ի կամս ոստիկանին (ՅՈՎ. 272): Չենք գիտեր թէ գիտակից ստուգութեամբ, թէ ոչ միամիտ լաւատեսութեամբ կ՚ընէ Պատմաբանը այդ դիտողութիւնը, վասնզի մինչեւ իսկ իր հօրեղբօր դէմ պատերազմող մէկուն վրայ իրաւունք կ՚ունենանք կասկածով բերուիլ, թէ յոյս ունեցաւ Սմբատի իյնալով անոր յաջորդութիւնը ստանալ Յուսուփէ: Օդերը ներելուն Յուսուփ նոր գունդերով կը յարձակի Սմբատի վրայ, եւ այս անգամ իրեն հետ են Հայ գունդերն ալ, որոնք Վրաց Ատրներսէհին եւ Վասպուրականի Գագիկին եւ սպարապետ Աշոտին հրամանատարութեամբ պատերազմի կը քալեն Հայոց թագաւորին դէմ (ԱՍՈ. 150): Սմբատ ստիպեալ գումարէ զօրս բազումս, իր երկու որդիները Աշոտ եւ Մուշեղ անցքերը կը պահպանեն Նիգ գաւառին մէջ, բայց եկող ոյժերուն չեն կրնար դիմադրել, մանաւանդ Ուտէացւոց կամ Սեւորդեաց գունդին, թշնամիէն վաստկուելով` տարաժամ փախուստի աճապարելուն վրայ: Աշոտ կրցաւ փախչելով ազատիլ, իսկ Մուշեղ գերի ինկաւ (ՅՈՎ. 276): Այդ կը լինի Ձկնավաճառի դժբախտ ճակատամարտին ելքը (ԱՍՈ. 151), որ իբր Սմբատի վերջնական անկման նախադուռը կը սեպուի, եւ այդ առթիւ Պատմաբանը երկարաձիգ ողբեր կը գրէ, եւ երկրին աւերածը, մարդկան կոտորածը, ու եկեղեցւոյ վնասը կը նկարագրէ տխրագին շեշտերով (ՅՈՎ. 277-286): Յուսուփ այդ յաջողութեան վրայ, ուր Հայերը Հայերու ձեռքով կոտորել տալու յաջողեցաւ, կեղծիքն ալ մէկ կողմ թողլու յանդգնեցաւ, վասնզի Յոյներուն օգնութեան հասնելուն երկիւղն ալ փարատեցաւ: Լեւոն Զ. Իմաստասէր, որ խոստացեր էր Սմբատի օգնութիւն հասցնել, մեռաւ 911-ին, եւ եղբայրը Աղեքսանդր, շուրջ պատեալ յապստամբողաց արանց (ՅՈՎ. 293), չկրցաւ արտաքին գործերը նայիլ, եւ ինքն ալ շուտով մեռաւ, գահը թողլով Կոստանդին Է. Պորփիւրոժէնի, Լեւոնի որդւոյն, որ իրաւամբ յաջորդութիւնը կը պահանջէր: Յուսուփ իրեն ապաւինողներէն կամ իրեն ձեռք ինկողներէն հետզհետէ դեղըմպութեամբ մահու մեռուց Գրիգոր Սուփան Սիւնեաց իշխանը, Սմբատի որդին Մուշեղ Բագրատունին, եւ Սահակի որդին Սմբատ Բագրատունին (ՅՈՎ. 283), որուն վրայ Գագիկ թագաւոր եւ Աշոտ սպարապետ ալ սկսան կասկածանօք վարուիլ, եւ թշնամութեան առիթ չտալու համար կատարեալ կամակատարութեան հետեւիլ (ՅՈՎ. 284): Միայն Վասակ Սիւնի, Սիսականի իշխաններէն, կը յաջողէր գիշերախառն բանտէն փախչիլ, եւ իրեն գաւառը ապաւինիլ (ՅՈՎ. 285): Իսկ Սահակ եւ Վասակ` Սուփանի եղբայրները իրենց մօրը Մարիամ տիկնոջ հետ Սեւան կղզին կ՚ապաւինէին, բայց այնտեղ ալ կը հասնէին Յուսուփի հրոսակները, ուստի կղզին թողլով Միափոր բերդը, եւ անկէց ալ Գարդմանի լեռները կ՚ապաւինէին, իսկ մայրերնին թափառական պտոյտներուն մէջ կը մեռնէր (ՕՐԲ. Ա. 234): Յուսուփ քաջալերուած որ ոչ ոք է որ ի դիմի հարկանի, այնուհետեւ ասպատակ չար հինից ընդ ամենայն կողմանս սփռէր, եւ նոյնիսկ Հայ գունդերը այդ նպատակին կը գործածէր, ինչպէս Գագիկը Բագրեւանդ ղրկեց Վաղարշակերտ ամրոցին վրայ (ՅՈՎ. 289), մինչ Յովհաննէս կաթողիկոս, Գուգարաց կողմերը փախստական, անհնարին հարուածոց գոյժերով կը տոչորէր (ՅՈՎ. 332):

710. ՍՄԲԱՏԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ամառ մը ու ձմեռ մը եւս անցան այդ ողբալի եղելութիւններով, եւ 912-ի գարնան բացուելուն Սմբատ առիթ գտաւ, եւ Տայոց ու Գուգարաց կողմերէն, եւ Կղարջքի բերդէն, զոր իրեն կեդրոն ըրած էր, իջաւ դէպի Շիրակ, ազգային գործերուն մօտ ըլլալու նպատակով, բայց ապահովութեան համար գնաց բնակիլ Երասխաձորի կամ Արշարունեաց գաւառը, Կապոյտ կոչուած ամուր բերդը, որ է հիներուն Արտագերից բերդը, այժմեան Կաղզուանի մօտերը: Ինքն կանուխէն խորհած էր դեսպանութիւն մըն ալ ամիրապետին յղել, ու Յուսուփի ըրածները ամիրապետութեան շահերուն վնասակար ցուցնելով, անոր միջամտութիւնը խնդրել: Դեսպանութեամբ գացողը եղած էր Գրիգոր իշխան Մոկաց, մեծ եւ խոհեմ եւ հանճարեղ ճանչցուած մարդ մը, որ յաջողեցաւ իսկ, Մըքթատիրը եւ անոր արքունիքը համոզել, սակայն Կարմաթացիք Արաբիոյ մէջ եւ Ֆաթիմեանք Ափրիկէի մէջ գրաւած էին ամիրապետութեան բոլոր ոյժերը, եւ չկրցաւ Հայաստանի գործերուն մտադրութիւն դարձնել (ՅՈՎ. 292): Սմբատ դեռ յոյս ունէր ազգին պառակտեալ ոյժերը ամփոփելով կանոնաւոր ընդդիմութիւն եւ երկրին պաշտպանութիւն պատրաստել, բայց ներքին երկպառակութեանց առջեւ` յաջող կերպ մը չէր գտներ: Բնութեամբ քաջ եւ աննկուն, ամէն դժուարութեանց դէմ դիմագրաւ, միւս կողմէն փափկազգած եւ հեզահամբոյր, գթոտ եւ անյիշաչար, եւ քրիստոնէական սկզբանց հաւատարիմ մարդ մըն էր Սմբատ, որ հանդարտ կացութեան մէջ երկրին երջանկութիւնը կրնար պատրաստել, իսկ այսպիսի շփոթուած կացութեան մէջ, ուրիշներուն համար զինքը զոհելու առաքինութիւնը ունեցաւ: Պատմաբանը երկպառակութեանց եւ հակառակութեանց բացատրութիւնը տալու համար կը գրէ. Ոմանք ի հարկէ, եւ այլ ոմանք առանց հարկի պատճառանաց, մերձաւորք եւ հեռաւորք յաւէտ հեռի եղեն ի նմանէ արդեամբք եւ խորհրդեամբք, եւ ծանեան զօտարս քան զնա, եւ զորս նայն սիրէր` բարեկամութեամբ, քեցեալ ի բաց բերան ի նմանէ խառնեալք ընդ թշնամիսն (ՅՈՎ. 293): Նոյնիսկ ամէն փորձանքներու չարեացապարտն Գագիկ Արծրունի, եւ եղբայրը Գուրգէն, երբոր իրենց կեանքին համար ալ սկսան վախնալ` Յուսուփի խարդաւանանքները տեսնելով, կշտամբեալ եւ յանդիմանեալ զանձինս իւրեանց` եւ զղջացեալ ի սիրտս իւրեանց, Յուսուփէ բաժնուելու միտքը ունեցան, եւ զնոյն բարեաց իմացուածս յայտ ածեալ ծածկաբար հաղորդեցին Սմբատի (ՅՈՎ. 291). բայց այլեւս ոչ իրենք կրնային խորհուրդնին գործադրել, եւ ոչ Սմբատ կրնար անոնց անկեղծութեանը վստահիլ: Աշոտ սպարապետին վրայ այստեղ ակնարկ մը չկայ, բայց վերջէն ըսուած է, թէ դեռեւս ի մէջ ուղխիցն չարութեան կայր առկայացեալ (ՅՈՎ. 339):

711. ԿԱՊՈՅՏ ԲԵՐԴԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Տարի մը եւս անցաւ այդ կացութեան մէջ, եւ 913 տարւոյ գարնան մնաց Յուսուփի վերջնական յարձակումը Սմբատի դէմ: Զկնի ամի միոյ, յորմէհետէ Սմբատ Կապոյտ բերդը ամրացած էր, պատնէշ պաշարմամբ պատեցաւ շուրջանակի զամրոցաւն, եւ երկուստեք բուռն կերպով յարձակումներ եւ պաշտպանութիւն սկսան շարունակել: Կապոյտի բերդակալները` մեքենաներ եւ աղեղներ եւ պարսատիկներ գործածելու քաջավարժ մարդիկ, նետերն ու քարերը կորովութեամբ կշռեալ չէին վրիպեցներ, եւ անհնարին խողխողումն հասուցանէին յարձակողներուն: Սակայն Յուսուփի հրամանին ներքեւ բազումք էին զինուորեալք ի հաւատացելոց Քրիստոսի, Սմբատը կործանել ուզող Հայ իշխաններուն գունդերը, եւ Յուսուփ յիւրսն խնայեալ, անոնք կը քշէր ամրոցին դէմ, եւ Հայեր էին որ Հայեր կը ջարդէին: Որչափ ալ անպատասխանատու էին տիրասէր գունդերը ըրած ջարդերնուն համար, սակայն Սմբատի սիրտը չդիմացաւ, որ իր անձին համար այդչափ համազգիներու եւ կրօնակիցներու կեանքերը զոհուին, եւ եղբայրասպան կոտորածը շարունակէ, որ յաջող ելքի մըն ալ յանգելիք չունէր: Հրամայեց պաշտպանութիւնը դադրեցնել, անձնատուր ըլլալու որոշումը տուաւ, եւ փրկութեան այլոց հոգացող գտեալ, զիւր փրկութիւնն անտես արար (ՅՈՎ. 294), եւ ցուպ ի ձեռն առեալ երթայ առ Յուսուփն (ԱՍՈ. 151), եւ անզէն կը յանձնուի նենգաւոր բռնաւորին, ուսկից յետկար երդման ուխտի խնդրեալ էր (ՅՈՎ. 295), բայց չէ ըսուած թէ ստացած էր: Այսուհանդերձ պատուադիր ընդունելութիւն կ՚ընէր անոր Յուսուփ եւ փառաւոր զգեստներով եւ զարդերով կը մեծարէր, եւ մտերմութեան կը մտնէր, որպէսզի իմանայ եթէ գտանիցի ինչ արքային ի պահեստի, որ ձեռք ձգէ: Կապոյտի գրաւումը լրացնելով, Սմբատն ու ուրիշ գերիներն ալ միասին առնելով, նախ կը հանդիպէր Շիրակ գաւառը, Շիրակաւանի տիրանալու համար, անկէ ալ Դուին կու գար հանդարտիլ: Յուսուփ իր բարեկամ եւ օգնական Գագիկը կ՚ուզէր մեծարել, եւ Սմբատէն ետքը զթագաւորելն Հայոց նմա հաւատայր: Սակայն Գագիկի վստահութիւնը քիչցած էր Յուսուփի վրայ. թունաւորուած իշխաններուն սպանութիւնը, եւ Սմբատի նկատմամբ բռնած ընթացքին հետզհետէ փոխուիլը` բաւական էին յայտնել զպատրուակ մահացան դրժող դառնութեան մտաց ոստիկանին, ուստի առանց այլեւս երկարելու, որեւէ պատրուակով մը կ՚որոշէր հեռանալ, եւ յանկարծակի ի ձի աշտանակեալ, փախստեայ անկանէր յաշխարհն իւր, եւ այս կերպով իր անձին եւ իր իշխանութեան ապահովութիւնը կը հոգար (ՅՈՎ. 296):

712. ՍՄԲԱՏ ՆԱՀԱՏԱԿ

Յուսուփ ակնածութեան կամ ակնկալութեան կապ մը չունէր այլեւս, եւ շատ ատենէ ի վեր Սմբատի դէմ անձնական ատելութիւնը լրացնելու ատենը հասած կը գտնէր, ուստի այնտեղ Դուինի մէջ կը հրամայէր զայն շղթայի զարնել, եւ խիստ արգելարանի մէջ փակել` դժոխըմբերելի իմն զտուն բանտի նմա պատրաստեալ (ՅՈՎ. 297): Կապոյտէ ետքը տակաւին Երնջակ բերդը կը մնար Հայոց ձեռք, ուր ապաւինած էին Սիւնեաց տիկինները 708), եւ այլ բազում ազատ կանայք եւ ազատ որեար (ՕՐԲ. Ա. 235) իրենց գանձերով (ԱՍՈ. 151): Յուսուփ Դուինէ եկաւ Երնջակը գրաւելու, իրեն հետ շղթայակապ տանելով Սմբատ թագաւորը: Երնջակի բերդապահները քաջութեամբ կը պաշտպանէին իրենց ամրոցը եւ իրենց յանձնուած տիկիններն ու աւագները, եւ գործը կ՚երկարէր եւ կը դժուարանար: Յուսուփ նոր օրինակ եւ անլուր կերպ մը կը մտածէ, պաշտպանողները տկարացնելու, Սմբատի անձը մէջտեղ դնելով իբրեւ յարձակողական հնարք մը, որով պիտի տկարանար պաշտպանողներուն ոյժը: Արդէն խիստ բանտարկութեան պատճառով եւ սովով եւ ծարաւով ծնգեալ եւ անաւագեալ էր Սմբատ, եւ զայն այդ վիճակի մէջ սկսան բանտէն դուրս բերել, եւ բերդապահներուն աչքին առջեւ սպարազէն դահիճներու ձեռք կը յանձնուէր, որպէսզի ըստ հաճոյս տանջեն, ի գան հարկանել, եւ ի կոճեղս պնդել, եւ գելոցով վարակել եւ խորտակել (ՅՈՎ. 298): Երբոր մէկ կողմէն այսպէս չարչարեալ կու տար, միւս կողմէն Յուսուփ լրբօրէն կը հրամայէր, Ասա զի տայցեն ի դուրս զբերդն, բայց Սմբատ գիտէր զանզերծանելի զչարն, եւ ոչինչ խօսէր (ՕՐԲ. Ա. 235): Սմբատ ինքզինքը Աստուծոյ յանձնած, միայն տոկալու զօրութիւն կը խնդրէր, եւ մնացած ատենը ի մշտենամռունչ յաղօթս եւ յաղերսալի գոհութիւնս եւ օրհնութիւնս կ՚անցընէր, եւ ծպտեալ քահանայի մը ձեռքով գոհութեան խորհրդոյն հաղորդիլ կը յաջողէր, եւ կը մխիթարուէր (ՅՈՎ. 299): Օրերով կ՚երկարէր այդ անգութ հնարքը, Երնջակի բերդապահներուն աչքին առջեւ, եւ օրէ օր կը բարդուէին եւ կը սաստկանային չարչարանքներուն տեսակները, որոնցմէ մէկ քանին յատկապէս կը յիշէ Պատմաբանը: Իր իսկ անձեռոցիկը բերնին մէջ դնելով` բարակ գաւազաններով կոկորդէն վար կը մղէին, խեղդելու աստիճան, կզակներուն եւ վիզին գելոցներ անցնելով եւ բարակ չուաններով կը պնդէին հիւսներու մամուլի մէջ փայտ սեղմելու նման, գլխուն վրայ ծանր բեռեր դնելով կը ճզմէին, մարմնոյն վրայ կարասիներ բարդելով եւ տասն հոգի վրան ելնելով կլոր քար թաւալելու պէս կ՚երերցնէին, յանդամս ծածուկս եւ յարւութիւնս տանջանս եւ չարչարանս անպատումս եւ անողորմս հասուցանէին (ՅՈՎ. 300): Այդ անտանելի նեղութեանց մէջ ուրացութիւն կ՚առաջարկուէր Սմբատին, իբրեւ միակ ազատութեան միջոց, այլ անդրդուելի կը տոկար չարչարանաց ի վեր քան զբնութիւն մարդկան (ՕՐԲ. Ա. 235), մինչեւ որ Յուսուփ Սմբատի հաստատամտութենէն յաղթուած, կը հրամայէր սրով զգլուխ նորա հատանել, եւ այդպէս մարտիրոսական նահատակութեամբ կը վախճանէր աշխարհային պատերազմներու քաջայաղթ նահատակը, զոր Նահատակ պատուադիր անունով հռչակեցին ազգն ու եկեղեցին:

713. ՕՐՆ ՈՒ ՏՕՆԸ

Յուսուփ Սմբատը մեռցնելէն ետքն ալ իր ատելութեան յագուրդը չգտնելով, նախատանաց չափը լրացնելու համար կ՚արգելու անոր մարմինը թաղել, եւ դիակը կը ղրկէ Դուին, որպէսզի այնտեղ, այլազգեաց բնակութեան կեդրոնին մէջ առակ նշաւակի ըլլայ ամենուն, եւ բեւեռակապ ի փայտին բարձու պրկեալ, խաչուած մնաց, չենք գիտեր որչափ ատեն, որովհետեւ թաղման մասին խօսք մը չենք գտներ պատմութեանց մէջ: Պատմաբանը կը յիշէ թէ շատեր Սմբատի մարմինին վրայ լոյս ճառագայթաւէտ եւ ճրագ ճաճանչաւոր տեսան խաչին վրայ կախուած օրերը: Բայց ինք լուսաւոր տեսիլքին ստուգութիւնը ի տեսողս անդր թողացուցեալ, իր կողմէն կը հաւաստէ թէ բազում բժշկութիւն հիւանդաց եւ վտանգելոց եւ ախտաժետաց կատարէր` Սմբատի արիւնով ներկուած հողերուն զօրութեամբ, եւ թէ անոր վրայ ոմանք ի հեթանոսաց քրիստոնէութիւն ընդունեցին եւ մկրտուեցան (ՅՈՎ. 301): Կիրակոս կը վկայէ թէ Յովհաննէս կաթողիկոս կարգեաց տօն սուրբ թագաւորին Սմբատայ (ԿԻՐ. 87), այլ տօնացոյցներ Սմբատի տօն չեն պարունակեր, եւ միայն Յայսմաւուրքի մէջ կը գտնենք անոր անունը լոկ յիշատակելի սուրբերուն կարգը: Մահուան թուականը Հայոց 362 տարին ցուցուած է Օրբէլեանէ (ՕՐԲ. Ա. 235), 363 Յայսմաւուրքէն (ՅԱՅ. 515), եւ 364 Ասողիկէ (ԱՍՈ. 152), բայց պատմական կարգը չի ներեր 362-էն անդին յետաձգել, որուն ամանորը կը սկսի 913 Ապրիլ 12-ին: Մահուան օրը պատմիչները չեն նշանակեր, Յայսմաւուրքներն ալ համաձայն չեն, մէկը ահեկի 9-ին կը դնէ (ՅԱՅ. 515) եւ միւսը մարերի 1-ին (ՅԱՅ. Ա. 206), եւ անշարժ տոմարին համեմատութեամբ կը պատշաճեցնեն Ապրիլ 16-ին կամ Մայիսի 8-ին: Սակայն այն միջոցին տակաւին շարժական տոմարով կը վարուէին Հայերը, որով 913 Դեկտեմբեր 16-ին, կամ 914 Յունուար 7-ին կը պատասխանեն ցուցուած թուականները: Պատմաբանը Սմբատի չարչարանաց եւ կապանաց եւ խոշտանգանաց միջոցը գրեթէ զամ մի երկարած կ՚ըսէ (ՅՈՎ. 297), եւ եթէ 913-ի գարնան սկիզբը դնենք Սմբատի անձնատուր լինելը, մինչեւ տարւոյն վերջը կրնայ գրեթէ ամ մի անցած ըսուիլ: Այսչափ ինչ միայն կրնանք քաղել մեզի հասած յիշատակներէն: Իսկ կաթողիկոսն Յովհաննէս` օգնութիւն մը ընելու անճարացած, կը շարունակէր Գուգարաց կողմերը առանձնացած մնալ (ՅՈՎ. 332):

714. ԱՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ

Սմբատի նահատակութենէն ետքը Յուսուփ նորէն պատերազմական միջոցները խստացուց, եւ Երնջակի պաշարումը սաստկացուց, բայց եւ այնպէս, շուտով չկրցաւ յաղթել, եւ հազիւ ի գիշերի գողութեամբ էառ զբերդն անձաւամուտ եւ քարագնաց արամբք, որք երկաթի ճանկօք ընդ ժայռս դժուար վախից արուեստակեալ ընթանան: Բերդին մէջ եղողները ի սուր սուսերի մաշեցին, միայն կիները գերի պահեց Յուսուփ, եւ Դուինի մէջ ի նեղ յորջի խաւարչտին բանտի փակեց: Ասոնց գլխաւորներն էին Սիսական իշխաններուն մայրը Շուշան, Սմբատի կինը Սոփի դիեցիկ տղայով մը, եւ Սահակի կինը: Այնպէս սաստիկ էր այդ խեղճ կիներուն բանտը, որ իրենց փետրալի հեշտոցացն եւ ոսկեթել գահոյիցն տեղ` եւ ոչ իսկ խոտեղէն անկողին ունէին, եւ ոչ իսկ ջուր եւ աշտուճ հաց կը ստանային (ՕՐԲ. Ա. 236), այլ մատամբ իւրեանց վաստակէին, որպէսզի այս կերպով զպէտս ոգեպահին վճարէին (ՅՈՎ. 303): Սմբատի մահուընէ եւ Երնջակի իյնալէն ետքը բոլորովին թշուառութեան միջոց մը կը բացուի անիշխան լեալ երկիրս ամս եօթն (ՍԱՄ. 99): Այդ անիշխանութեան միջոցը 914-էն սկսելով կը տեւէ մինչեւ 921. իսկ անոր մէջ կատարուած եղելութիւնները, դժուար է ժամանակագրական շարունակութեան վերածել, որովհետեւ տեսակ տեսակ գործողութիւններ միեւնոյն ատեն կը կատարուէին իրարմէ անկախաբար: Յուսուփ այլեւս տիրապետած էր Հայաստանի, բայց ոչ թէ ամէն կողմ իրեն կանոնաւոր հպատակութիւն կ՚ընծայէր: Ընդհակառակն ամէն Հայ իշխաններ իրենց գլխուն կ՚ապրէին եւ կը գործէին, մէկ կողմանէ անոնք մանր մանր գունդեր կազմելով այս կողմ այն կողմ կ՚ասպատակէին, եւ տկար գտած տեղերնին Յուսուփի թողած գունդերը կամ անոր հրամանով սփռուած հրոսակները կը ջարդէին, միւս կողմէն Յուսուփ աւելի ստուար գունդերով անոնց վրայ յարձակումներ կը կարգադրէր, եւ իբրեւ թէ ասպատակները ցրուելու նպատակով, անզէն եւ անգործ ժողովուրդը կը կողոպտէր եւ կը ջարդէր, եւ անլուր տանջանքներով կը նեղէր: Իր անգութ եւ անյագ կիրքերուն մոլեռանդ ձգտումներ ալ խառնելով` ձեռքը ինկածները, մանաւանդ ժիրաժիր եւ կայտառ երիտասարդները, իր հաճոյից ծառայեցնելու համար ուրացութեան կը ստիպէր: Եթէ քիչերու վրայ կը յաջողէր, բայց շատեր յօժարութեամբ մարտիրոսական պսակին կը փութային: Այդ փոխադարձ պայքարներու հետեւանքն էր երկրին սպառսպուռ քանդումն ու կործանումը, աշխատութեան եւ արդիւնաբերութեան ի սպառ դադարումը, քաղաքներուն ու գիւղերուն աւերումն ու անմարդանալը, այնպէս որ բոլոր Հայաստան կ՚երեւէր իբրեւ զերկիր, որ ոչ անց մարդ ընդ նա, եւ ոչ բնակեցաւ ի նմա որդի մարդոյ, այնպէս զապատն անապատ առնէին (ՅՈՎ. 322): Կարի իրաւամբ Անեցին Հայոց անիշխանութիւն կը կոչէ այդ եօթնամեայ միջոցը (ՍԱՄ. 98), վասնզի ոչ ալ Յուսուփ, որ տիրապետել կը կարծէր, իրօք իշխանութիւն կը վարէր: Նա հինգ ամ յամեալ ի Հայս Դուինի մէջ կը մնար (ԱՍՈ. 155), իսկ մնացեալ միջոցը Ատրպատական դառնալով անկէ իր տեղակալներուն ձեռօք յառաջ կը վարէր աշխարհաւէր, եւ ոչ աշխարհավար իշխանութիւնը: Աւելորդ չսեպուի եթէ համառօտ ամփոփում մը յառաջ բերենք այդ եօթնամեային եղելութիւններէն, վասնզի անուղղակի կերպով Հայ Եկեղեցւոյ կացութիւնն ալ նկարագրած պիտի ըլլանք:

715. ՀԱՅ ԻՇԽԱՆՆԵՐ

Աշոտ Բագրատունի, Սմբատի որդին, այն որ ըստ քաջապինդ արութեան իւրոյ Երկաթ անուանեցաւ (ԱՍՈ. 155), հազիւ թէ հօրը գերի իյնալը եւ տանջուիլը լսեց, անմիջապէս գլուխը արիագունդ խումբ մը կազմեց, Աբաս եղբայրն ալ իրեն միացաւ, եւ միասին յարձակեցան Շիրակի կողմերը, եւ ուր զորս միանգամ պահակս ի Սարակինոսացն գտանէր, անխնայ կը կոտորէր: Անկէ իջաւ Բագրեւանդ գաւառը, եւ Վաղարշակերտի մէջ զգլխաւոր երէց նոցա տիկ ձեւացնելով պարիսպէն կախել տուաւ, եւ նորէն Շիրակ դառնալով զմնացեալսն վարատէր: Այս անգամ ալ իբր զօդապարիկ իմն ընթանալով` Գուգարաց կողմերը կը զարնէր, եւ մինչեւ Տփղիս կը հասնէր, շատերը կը ջարդէր, իսկ զայլս ի պատուականաց շղթայի զարնելով կը տանէր, որ գերի ինկած քրիստոնեաներու հետ փոխանակէ: Անկէ կը դառնար կու գար Տաշիրք գաւառը, եւ իմանալով որ Աղստեւ, այժմ Ախսթաֆա ձորին մէջ Հագարացւոց զօրք կայ, վրայ կը հասնէր, կը ջարդէր եւ կողոպուտին կը տիրանար: Անգամ մըն ալ Արշարունեաց գաւառը կը յարձակէր, ուր իր հօր վերջին տարիները անցած էին, եւ վերջապէս նորէն հիւսիս կը դառնար, եւ Ափխազաց Գուրգէն իշխանին մօտ պահ մը կը դադրէր (ՅՈՎ. 306): Աբաս եղբայրը իրեն հետ էր միշտ, որ յետոյ նոյն իշխանին փեսայացաւ: Աշոտ Երկաթի ցուցուցած արիութիւնը եւ ունեցած յաջողութիւնը, զինքն սիրելի ըրաւ միւս իշխաններուն, որոնց գլուխը կը գտնուէր Ատրներսէհ Վրաց թագաւորը, եւ ամէնքը ի մի կամս եւ ի միտ բերեալ, միաձայն հաւանութեամբ թագ կապեալ թագաւորեցուցանէին Աշոտը փոխանակ հօր իւրոյ: Բայց իրենք այդ որոշումը կու տային իրենց գլխուն, առանց ամիրապետական հաստատութեան, եւ Աստուծոյ ամենակալին զապագայն յանձն արարեալ (ՅՈՎ. 307): Աշոտ անկէ ետքն ալ միշտ այսր անդր յամուրս աշխարհի տէրութեան իւրոյ տարուբերէր (ՅՈՎ. 339): Այս է պատճառը որ Հայոց թագաւոր մը հռչակուելով հանդերձ անիշխանութիւն կը կոչուի իրաւամբ այդ միջոցը: Սիսական իշխան Սմբատ եւ եղբայրը Սահակ, առաջինը Վասպուրականէ, եւ երկրորդը Գուգարքէ ետ եկան, իրենց մայրն ու կիները գերեթափ ընելու համար փորձեր ըրին ու աշխատեցան, բայց ոչ կարացին: Շուշան տիկին եւ Սմբատի դիեցիկ տղան բանտին մէջ մեռան, եւ հանեալ ի բանտէն պահապանքն ընկեցին արտաքս, իսկ իրենց կիները ապահովութեան համար Դուինէ հեռացուեցան, եւ Ատրպատականի մէջ դրուեցան ի դիպահոջ, յամուրս երկրին (ՕՐԲ. Ա. 237): Երկու Սիսականներ իրենց Բաբգէն եւ Վասակ եղբայրներուն հետ, ամրացեալք ի խոխոմս խորոցն ձորոց, իրենք ալ իրենց կողմէն Աշոտ Երկաթին նման արշաւասոյր հէնս ի վերայ թշնամեացն հասուցանէին, եւ գումարտակս սփռեալ արեանց ճապաղիս հեղուին (ՅՈՎ. 308): Անդին Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ ալ, Յուսուփէ բաժնուելէն ետքը, կասկածաւոր դարձած էր անոր աչքին, եւ ինքն Գագիկ ալ զգալով իր ուղղութեան սխալը Յուսուփէ զինքը պաշտպանելու կը պատրաստուէր, որ իրեն դէմ ալ գունդեր հանած էր: Գագիկ եւ Գուրգէն քաջութեամբ դիմադրելէ ետքը կը պարտաւորուէին տեղի տալ (ՅՈՎ. 308), եւ իրենց ընտանիքներն ու գանձերը Վասպուրականէ հեռացնելով` ի ծործորս ամուր լերանցն Մոկաց եւ Կորդուաց կ՚ապաւինէին, իրենք ալ սպասելով յաստուածուստ խաղաղութեան, ինչպէս միւս իշխանները եւ բոլոր աշխարհը (ՅՈՎ. 339): Այս ամէն շարժման մէջ միայն Աշոտ սպարապետ, Սմբատի եղբօրորդին, եւ Յուսուփի եղբօր Ափշինի աներձագը, դեռեւս ի մէջ ուշխիցն չարութեան կայր առկայացեալ (ՅՈՎ. 339), ակնունելով Հայոց թագին, զոր վերջապէս Յուսուփէ ստացաւ (ՅՈՎ. 366):

716. ՀԱԼԱԾԱՆՔ ԵՒ ԿԵՂԵՔՄՈՒՆՔ

Այս էր հայ իշխաններուն վիճակը անիշխանութեան միջոցին, երբ միւս կողմէն Յուսուփ եւ իր սփռած հրոսակները այնպիսի տագնապներ կը հասուցանէին Հայոց, որ մարդուն սիրտը կը ճմլուի, անոնց մի թեթեւ նկարագիրն ալ կարդալով Յովհաննէս կաթողիկոսի գրիչին ներքեւ: Իւրաքանչիւր ոք ի կուսահալած այլազգեաց, կը գրէ Պատմաբանը, զհետ մտեալ կը հալածէին ռամիկն եւ անռամիկն հաւասարապէս, որոնք չէին կրնար ճողոպրիլ ի սրոյն, որ լցեալն էր արեամբ: Աւագանին հազիւ թէ կրնար ձորոց եւ լերանց եւ անապատից եւ քարաժայռաց եւ ամրոցաց մէջ ապաւէն գտնել, մինչ ռամիկը բոկոտն եւ մերկանդամ եւ թափառական, ի սով եւ ի ծարաւ` ի լքուցումն հարեալք եւ մաշեւշք. ձմեռը ցուրտէն եւ ամառը տօթէն կը կորսուէին: Իսկ անոնք որ ձեռք կ՚իյնային ի սպանդ վարէին, եւ կամ թէ կը պահուէին ի վաճառակուր լինել: Կամ եթէ վճարելու կարող կը կարծուէին, ի մետաղս եւ ի բանտս եւ ի շղթայս կը տանջուէին եւ կը խոշտանգուէին, որ հնար լինի զանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ քաղել անոնցմէ (ՅՈՎ. 310): Իսկ մեռցնելու համար կերպ կերպ խուժդուժ ձեւեր կը գործածէին, ոմանք դեղըմպութեամբ խարդաւանեալ կը մահացնէին, ուրիշներ խեղդանօք հեղձամղձուկ կ՚ընէին: Ոմանց դեռ կենդանւոյն կուրծքը ճեղքելով սիրտը կը հանէին եւ մէջերնին կը բաժնէին, ուրիշներուն ձեռուըներն ու ոտուըները կը ծայրատէին: Ոմանք գլուխէն ու ոտքէն կապելով ու ձգձգելով մէջքէն երկու կը կտրէին, ուրիշները մտրակներով եւ արջառաջիլով կողերէն եւ փորէն հարուածելով կը մեռցնէին: Ոմանց քիթն ու ականջները եւ մարմնոյն ուրիշ մասերը կը կտրատէին, ուրիշները սաստիկ գանակոծութենէ ետքը ի կոճեղս պնդէին կամ թէ ծառերու վրայ կը պրկէին (ՅՈՎ. 312): Այս ամէն անլուր տանջանքներ միշտ ընկերացած էին ուրացութեան առաջարկներով, փոխադարձաբար պերճանք եւ գանձեր, պատիւներ եւ դիրքեր ալ խոստանալով: Սակայն գրեթէ ամէնքը աստուածային հոգւով զօրացած, ոչ շեղեցան իրենց հաւատքէն, իրենց քրիստոնէութիւնը բարձրաբարբառ խոստովանեցան, ոչ զարհուրեցան ի տանջանաց, եւ ընկալան զբրաբիոնն յաղթութեան (ՅՈՎ. 314):

717. ՄԱՐՏԻՐՈՍԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Այդչափ մարտիրոսներու անթիւ եւ անհամար բազմութեան մէջէն յանուանէ կը յիշատակուի Միքայէլ Գուգարացի, զուարթատեսիլ եւ գեղեցիկ երեսօք պատանի մը, զոր խումբին մէջէն զատելով կ՚ուզէին ուրացութեամբ ապրեցնել, այլ նա դիմագրաւ դիմեալ առ ընկերս իւր գլուխը սուրին կ՚երկնցնէր (ՅՈՎ. 315): Յանուանէ կը յիշուին նաեւ Դաւիթ եւ Գուրգէն Գնունի եղբայրներ, զորս Յուսուփ Դուինի մէջ ի զուր փորձեց վաստկիլ, ամէն տեսակ խոստումներով եւ շողոմարարութիւններով, եւ վերջէն զայրանալով հրամայեց գլխատել, ուր Դաւիթ նախ պզտիկ եղբայրը առջեւ անցուց, զի մի' գուցէ ի վերջ քան զնա մնալով ըստ մանկութեան տիոցն զարհուրեսցի ի սրոյն սպառնալեաց (ՅՈՎ. 317): Յովհաննէս կաթողիկոս որ իր առանձնութեան մէջ այդ ամէն մանրամասնութիւնները հաւաքելով իր պատմութեան կ՚անցընէր, հայրապետաբար անոնց յիշատակը պատուեց, եւ բոլոր Յուսուփի հալածանքին մէջ նահատակուող մարտիրոսներուն համար օր յիշատակի սահմանեց, որ է մարերի ամսոյ օր քսան եւ եօթն (ՅՈՎ. 318): Վարդան երկու Գնունիներուն յիշատակը կը դնէ ի Մարերի ամսեան քսան (ՎԱՐ. 87), իսկ Ասողիկ բոլոր Յուսուփի մարտիրոսներուն համար կ՚ըսէ, թէ տարեւոր տօնախմբութեամբ կատարի յիշատակն ի քսան նոյեմբերի (ԱՍՈ. 154): Մեր տօնացոյցներ բնաւ այդ մարտիրոսներուն տօնը չեն ցուցներ, իսկ Յայսմաւուրքն ալ միայն երկու Գնունիներուն յիշատակը ունի մարերի 20-ին, պատշաճեցնելով զայն Մայիս 27-ին (ՅԱՍ. Ա. 233), մինչ շարժական տոմարով պէտք էր համեմատել Յունուար 25-ին: Քանիցս հանդիպեցանք այդպիսի տօնական յիշատակութեանց, որք ժամանակին սահմանուած են, եւ չենք գիտեր ինչ պատճառով կամ ինչ դիպուածով խափանուած են, եւ արժան էր վերանորոգուէին ազգային նահատակներու տարեւոր յիշատակները եւ տօնախմբութիւնները: Մարտիրոսներուն այդ խումբին մէջ պէտք է խառնենք` Գէորգ եւ Արուէս Սեւորդի եղբայրները եւ Աղուանից իշխանները, որոնց վրայ յարձակեցաւ Ափշինի ներքինապետը երբ Դուին կը գտնուէր 701), եւ երկու իշխանները գերելով ուրացութեան ստիպեց, բայց հաստատամիտ գտնելով սպաննել հրամայեց (ՅՈՎ. 236):

718. ՍՈՎ ԵՒ ԺԱՆՏԱԽՏ

Հնար չէր որ այդչափ խառնակութիւններ, աւերած ու կոտորած, երկրին բնական կացութեան վրայ ալ ազդեցութիւն չունենային: Կոտորածին անմիջական հետեւանք էր աշխատաւոր բազուկներու պակսիլը, եւ անոր հետեւանքն ալ մշակութեան եւ երկրագործութեան դադարումը: Եղանակներն ալ յանկարծական փոփոխութիւններ ունեցան, գարունը ի ձմերային սգաւորութիւնս յեղանակեցաւ, եւ տարեկան արդիւնաւորութիւններ պակսեցան, հունձքեր եւ կալեր ապականեցան, եւ հազիւ թէ կը գտնուէին ուրեք պտղեղութիւն: Ասկէ սկսաւ ընդհանուր սով մը, որով բոլոր բնակիչներ իբրեւ զդիակունս գունատեալս եւ լքեալս դանդաջէին, եւ ունեւորներն ալ պարէնի սղութենէն շուտով ի վերջին սնանկութիւն հասանէին (ՅՈՎ. 327): Յետին նեղութեան մէջ զվնասակար բանջարս իսկ ուտելու ստիպուած յապականութիւն մահու հասանէին, եւ նոյն իսկ զսիրելի որդեակս` ընդ սակաւիկ ինչ ռոճկաց` թշնամեաց կը վաճառէին, եւ Երուսաղէմի պաշարելոց նման, զընկերակիցս իւրեանց գաղտակծութեամբ ի սպանդ վարեալ ` կամ թէ զմանկունս իւրեանց եփելով ուտելու կը հասնէին (ՅՈՎ. 329), թող պահուած ուտելիքներ մէջտեղ հանելու նպատակով իրարու դէմ գործած բռնութիւննին (ՅՈՎ. 330): Սովին երեսէն եւ թշնամիներուն շարունակած կոտորածին հետեւանօք, մերկ դիակներ անթաղ կը դիզուէին, որք մէկ կողմէն նեխուելով չարաչար ախտերու պատճառ կ՚ըլլային, եւ միւս կողմէն շաղղակեր գազաններ եւ գիշատիչ թռչուններ բնակութեանց մէջ կը թափառէին, որով դեռեւս կենդանի եղող կիսամեռներու վրայ ալ կը յարձակէին (ՅՈՎ. 331): Այդ աղետալից ժամանակին մէջ ոչ միայն կը շարունակէր Տաճիկ հրոսակին սուրը, որ մինչեւ յեօթն ամ ձգեալ երկարեցաւ (ՅՈՎ. 327), այլ Յունաց եւ Եգերացւոց եւ Գուգարացւոց եւ Ուտէացւոց եւ ուրիշ Կովկասաբնակ ազգերու մէջէն ալ աւազակք եւ սրիկայք` պատեհ առիթ կը գտնէին եկեղեցիներու եւ վանքերու եւ քաղաքներու վրայ յարձակելու, զորս առհասարակ յաւարի առեալ կապուտ բազում խաղաղացուցանէին, եւ իրենց երկիրը կը դառնային (ՅՈՎ. 322): Ի լրումն այդ ամէն աղետից թագաւորք մեր եւ պէտք եւ իշխանք իրարու դէմ մաքառելէ ետ չէին կենար, եւ ժողովուրդն ալ եղածները կործանելով կը ջանար նոր ստեղծանել պայազատս եւ սպասալարս, որով Հայեր Հայերու դէմ համագունդ ընդ միմեանս հարեալք ի հակառակութիւն եւ ի կռիւ պայքարէին (ՅՈՎ. 324): Մենք ստուերագիծ մը միայն քաղեցինք, պէտք է կարդալ Պատմաբանին սրտաճմլիկ եւ ողբալի նկարագիրը:

719. ՅՈՒՆԱՑ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Յովհաննէս կաթողիկոս եւ պատմագիր, յուսաբեկ եւ սրտաբեկ, տակաւին պանդխտաբար կը մնար ի մէջ Գուգարաց եւ Վրաց, ուր քաշուած էր Յուսուփի գերութենէն ազատելէ ետքը 707), եւ ընդերկարեալ կը տեւէր իր պանդխտութիւնը, յաւէտ իմն տրտմեալ, բայց միշտ ակնկալեալ եւ սպասեալ փրկութեան Տեառն Աստուծոյ (ՅՈՎ. 332): Հայաստանի աղիողորմ վիճակը լսուած էր Բիւզանդիոյ մէջ, եւ Յունական կայսրութիւնը եւ Յունական եկեղեցին չէին կրնար չտեսնել, որ Հայոց Արաբական ամիրապետութեան կողմէ կրած տագնապը, հարկաւ անոնք կը յորդորէր նորէն հոգւով ու սրտով իրենց կողմը դառնալու: Այդ նպատակով եւ յարաբերութեանց դուռ բանալու համար, պատրիարքին յանձնուեցաւ սիրոյ եւ յորդորանաց գիր մը ուղղել կաթողիկոսին: Նամակին պատճէնը յառաջ կը բերէ Պատմաբանը (ՅՈՎ. 333-337) առանց թուականն ալ յիշելու: Գրողն է Նիկողայոս Ա. պատրիարքը, որ երկրորդ անգամ աթոռ բարձրացած էր 910-ին: Իսկ նամակին հասնելէն ետքը ըսուած է թէ Յուսուփ դեռեւս արձանացեալ նստէր ի մայրաքաղաքն Դուին (ՅՈՎ. 338), ուր գիտենք թէ նա հինգ ամ յամեալ մնաց (ԱՍՈ. 155), որ 914-էն կը հասնի 919, որով շուրջ 918-ին պէտք է դնել Նիկողայոսի նամակը: Նիկողայոս իր նամակին մէջ ամենայն խոհեմութեամբ բնաւ եկեղեցական կամ դաւանական միաբանութեան խօսք չ՚ըներ, եւ Հայոց եւ Վրաց եւ Աղուանից միահամուռ հաւատացեալ ժողովուրդը, իբր Հայոց կաթողիկոսի հօտ կ՚ընդունի, որով կը տեսնուի թէ Վրաց կանուխէն քաղկեդոնականութեան յարիլը` ոյժը կորուսած էր Հայ Բագրատունիներուն այն կողմերուն իշխանութիւնը ձեռք անցընելէն ետքը: Անկեղծ ցաւ կը յայտնէ վերահաս աղէտներուն համար, կը դիտէ որ ներքին երկպառակութիւնն ալ առիթ տուած է այդ տագնապին, ուստի պէտք կը տեսնէ որ կաթողիկոսը նախապէս աշխատի Հայ իշխանները միաբանել, սկսելով իրեն մօտ գտնուող Վրաց թագաւորէն եւ Ափխազաց իշխանէն, որոնց ինքը պատրիարքն ալ յատկապէս գրած է, եւ յետոյ անոնց օգնութեամբ միւս Հայ իշխաններն ալ միացնելով: Կը խոստանայ որ երբ Հայ իշխաններ իրենց ոյժերը միացնեն, կայսրն ալ, որ էր Կոստանդին Է. Պորփիւրոժէն, առաքեսցէ զօրս բազում յօգնականութիւն, որոնք մեծաւ օգնականութեամբ Աստուծո եւ քահանայագործութեամբ, այսինքն օրհնութեամբ կաթողիկոսին անշուշտ թշնամեաց վրայ կը զօրանան: Յաղթութենէն ետքը պէտք կ՚ըլլայ որ տեղի ունեցած յանցանքներ ներուին, եւ իւրաքանչիւրին իրաւունքը իրեն դարձուի, եւ խաղաղութիւնն Քրիստոսի հաստատեսցի: Պատրիարքը կը վերջացնէ ըսելով. Սրբափայլ աղօթք ձեր եղիցի ընդ նուաստութեանս մերում:

720. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ Ի ՏԱՐՈՆ

Յովհաննէս իր սպասած աստուածային այցելութիւնը հասած կարծեց Յունաց պատրիարքին նամակովը, եւ առաջին անգամ յուսոյ նշոյլ մը տեսաւ` իր անմխիթար առանձնութեան մէջ, ուր եօթը տարիէ ի վեր թաղուած կը մնար 911-է ասդին: Զտկարացեալ զօրութիւն իմ սակաւ ինչ կազդուրեալ եւ գօտեւորեալ զգացի, կ՚ըսէ, եւ արծարծեցաւ յիս հոգի իմ (ՅՈՎ. 338): Յաջողեցաւ նախ Վրաց թագաւոր Ատրներսէհը համոզել, որպէսզի միաբանութեան գործին գլուխ կանգնի, իբր տարիքով եւ փորձառութեամբ երիցագոյն անձ մը: Ափխազաց Գուրգէնն ալ արդէն իրեն հետ էր, կը մնար միւսները յորդորել, եւ յանձն առաւ ինքն անձամբ մէջտեղ իյնալ եւ բերանիբերան խօսակցիլ անոնց հետ, բայց մեծ արդիւնք ձեռք չկրցաւ ձգել: Գագիկ Արծրունի` Մոկաց եւ Կորդուաց լեռներու մէջ ապահովի դրած իր ընտանիքն ու գանձը, ինքն ալ այն կողմերը պաշտպանութեան կը մնար: Սմբատ Սիւնի իր լեռներէն դուրս ելլել չէր համարձակեր. Աշոտ Երկաթ այս ու այն կողմ կը թափառէր` հնարաւոր օգնութիւններ հասցնելու, Աշոտ սպարապետ Յուսուփին քովէն չէր հեռանար, Յուսուփն ալ Դուինի մէջ կեդրոնացած, տակաւին մռմռեալ անհնարին դառնութեամբ, շրջէր, խնդրէր, հայցէր թէ զո կլանիցէ: Յովհաննէս չկրնալով պէտք եղած անձերը տեսնել, եւ ոչ ալ միաբան գործակցութեան ձեւ մը պատրաստել, կ՚անցնէր կու գար Տարոն գաւառը, եւ հոն կը մնար, ի մերձաւորաց իւրոց իշխանաց եւ ժողովրդոց գտեալ մխիթարութիւն (ՅՈՎ. 338): Այնտեղ տեսնելով զծփական զանդուլ հինից արշաւանն, թէպէտ կարգադրութիւն մը չէր ըրած, բայց Յունաց առաջարկութիւնն ալ չկորսնցնելու համար, պէտք տեսաւ իրաց վիճակը անոնց ծանուցանել, եւ անոնց անմիջական միջամտութիւնը հրաւիրել, պատասխան մը տալով Կոստանդին կայսեր, որուն կողմէն դրած էր Նիկողայոս պատրիարքը: Նամակը գրեց մինչ դեռ եւս ի Տարոն կը գտնուէր, ամենայն հաւանականութեամբ 919-ին սկիզբները, թէպէտ Յովհաննէս իր նամակին թուականը չի յիշեր: Չենք գիտեր թէ ուստի քաղուած է 920 Նոյեմբեր թուականը, զոր Չամչեան կը յիշէ (ՉԱՄ. Ա. 778), բայց տեղ մը չենք տեսած, եւ որ չ՚արդարանար, քանի որ նամակը ուղղած է Կոստանդինի անունով, որ 919-ին գահազուրկ եղաւ, եւ տեղը գահ բարձրացաւ Ռոմանոս Ա. Լեկաբենոս իր աները, որուն անունը կամայական կերպով հասցէին մէջ ալ մուծած է Չամչեան, եւ քումդ գահակից Ռոմանոս աւելցնելով, որ Պատմաբանին բնագիրին մէջ չկայ:

721. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՆԱՄԱԿԸ

Յովհաննէս ամբողջաբար յառաջ կը բերէ իր գրած նամակին պատճէնը (ՅՈՎ. 340-354), ուր զինքը կը կոչէ, Յովհաննէս Հայոց Մեծաց նուաստ կաթողիկոս: Հասցէն կազմուած է ճոռոմաբան բառերով, բայց դիմացինը գոված ատեն զանց չ՚ըներ իր եկեղեցին բարձրացնել, ողջոյն յղելով յայսմիկ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որ թէպէտ եւ ի թշնամեաց աստի գերեալ եւ իբրեւ զանապատ անջրդի խոպանացեալ` ըստ նմանութեան մօր անզաւակացաւ յորդւոց, սակայն կայ եւ մնայ ի սէր փառացն Աստուծոյ (ՅՈՎ. 340): Բոլոր նամակին մէջ Յովհաննէս խուսափած է դաւանական տարբերութեանց մասին ակնարկ մը ընելէ, համարձակ օգնութիւն եւ միութիւն կը խնդրէ, բայց միշտ քաղաքական տեսակէտով, եւ զգուշանալով որ դաւանական միութեան խնդիր մէջտեղ չելլէ: Գեղեցիկ յառաջաբանով մը Հռոմայեցւոց կայսրութիւնը գովելէ ետքը, կ՚անցնի միառմի պատմել Հայոց վրայ եկած նեղութեանց արկածները, միշտ կայսեր սիրտը շահելու ձեւով, եւ այդ դիտմամբ կը յայտարարէ, որ երբ Հայեր էին ի հովանի թեւոց ինքնակալացդ, հանդարտ էին որպէս ի վայելուչ քաղաքի, թէպէտ ինքն իր պատմութեան մէջ յիշած է ժամանակին կայսրներուն կողմէ եղած դաւանական բռնադատութիւնները: Անկէ ետքը ընդարձակօրէն կը պատմէ տեղի ունեցած հարստահարութիւնները, Սմբատ թագաւորի նահատակութիւնը, երկրին անգլուխ մնացած ըլլալը, իր իսկ կրած բանտարկութիւնը եւ չարչարանքները, եւ փախստական թափառիլը: Այս կէտերը բացատրելէ ետքը` կայսրը կը հրաւիրէ Հայաստան արշաւել, նուաճեսջիք, կ՚ըսէ, զկողմանս զայսոսիկ, զոր ստացայք ի սկզբանէ, եւ կը քաջալերէ որ Հայոց վրէժը լուծէ իրենց թշնամիներէն: Կը խնդրէ նաեւ որ ինքն կայսերական գաւառներուն մէկ կողմը հաստատուի, որպէսզի անկէ կարենայ իր հօտը հովուել, ինչ որ ոչ լեալ բան մը չէ, այլ անցեալին մէջ Հայոց հայրապետներ ի սկզբան հաւատոյս, ի հովանի թեւոց ի նախնեաց ձերոց ունէին զբնակութիւն (ՅՈՎ. 351): Այս կերպով, կ՚ըսէ, պատրաստեցուք զՀայաստանեայսս ժողովուրդ կազմեալ նախ Տեառն եւ ապա մեզ կամօքն Աստուծոյ, որով Հայաստանն ալ մտնէ ընդ Հռոմայեցւոց իշխանութեամբ, որպէս Իտալիա եւ ամենայն Ասիա: Վստահ է թէ բոլոր ազգը այդ մասին համամիտ է, իսկ եթէ ըլլան որք ոչ գայցեն եւ արտաքս ի գաւթէ հօտէ տեառն ելանիցեն, այնպիսիքն կրեսցեն զդատաստանս ի մէնջ ոք եւ իցէ եւ ես անպարտ եւ արտաքոյ մեղադրութեան մնացից (ՅՈՎ. 253): Նամակին փակումը նորէն ճոռոմաբան բացատրութիւններով կազմուած է: Յովհաննէս կաթողիկոսի նամակը մանրամասն զննուած ատենն ալ եկեղեցական կամ դաւանական բացատրութիւն բնաւ չունի, բոլոր նպատակը Հայաստանը Յունական կայսրութեան ներքեւ անցընելն է, տեսնելով որ Հայեր իրենք զիրենք ազատելու ոյժ չունին, եւ կայսրներէ զատ մէկ մըն ալ չկայ որ Արաբական տիրապետութեան դէմ դնէ: Դաւանական խնդիրին վրայ իր տեսութիւնը չի յայտներ, լռելը խոհեմութիւն կը սեպէ, թէպէտ շուտով պիտի տեսնենք, որ հակաքաղկեդոնիկ համոզմանը վրայ հաստատամիտ կը մնայ:

722. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ԱՇՈՏ

Նամակը կանոնաւորապէս հասաւ Բիւզանդիա, հարկաւ յատուկ պատգամաւորի մը ձեռքով, որ յիշուած չէ, եւ կայսերական մտադրութեան արժանացաւ, եւ որոշուեցաւ Յովհաննէս կաթողիկոսը եւ թագաւոր հռչակուած Աշոտը Կոստանդնուպոլիս փութացնել, եւ ի միասին տեսանել եւ տնօրինել հասարակաց օգուտն: Թէոդորոս Վասլիկոս կամ Բասիլիսկոս անուն պաշտօնեայ մը Հայաստան ղրկուեցաւ, երկուքն ալ հրաւիրելու, որ նախ Տարոն եկաւ, եւ կաթողիկոսէն գալու խոստում առնելով, անցաւ Շիրակ Աշոտը տեսնելու, որ կը գտնուէր յամուրս տէրութեան իւրոյ: Աշոտ կը փութայ ճամբայ ելլել Թէոդորոսի հետ, եւ կայսեր ներկայանալով մեծամեծ պատիւներ կ՚ընդունի, թէ իբրեւ արքայորդի եւ թէ իբր ուստր մարտիրոսի, եւ թէ իբրեւ աթոռ բարձրացած թագաւոր: Յովհաննէս դանդաղ կը շարժի, վարանոտ կասկածներ ունի որ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իրեն դաւանական առաջարկներ պիտի ըլլան, եւ այսպէս հազիւ Տարոնէ Դերջան պզտիկ ուղեւորութիւն մը ըրած, կը մտածէ չերթալ, բաւական սեպելով, որ կայսրը Աշոտի հետ քաղաքականապէս պայմանաւորուի, եւ իր ներկայութիւնը եկեղեցական պայմանաւորութեան դուռ չբանայ: Ամիսի մը չափ Դերջանի մէջ կը մնայ այդ վարանոտ վիճակի մէջ, մինչ ստէպ ստէպ հրաւիրակն կոչէր սիրալիր կամօք երթալ ի պալատն առ կայսր, սակայն ես, կը գրէ, ոչ կամեցայ զմտաւ ածեալ թէ գտցի ոք եւ ընդ ակամբ հայեսցի զանդ երթալն իմ, ի քաղկեդոնիտոսն յարակցիլ ինձ համարեալ (ՅՈՎ. 357): Այդ յստակ եւ պարզ բացատրութիւնը կը ցուցնէ, թէ կայսեր գրած նամակին մէջ ալ Յովհաննէս քաղաքական հպատակութենէ անդին միտք չէ ունեցած երբեք: Դերջան գտնուելով օգուտ կը քաղէ Լուսաւորչի ներկայութեամբ եւ մահուամբ նուիրագործուած սրբավայրերը այցելել, Սեպուհ լեռը, Մանեաց այրը, Լուսաւորչի աղբերիկը, Նշխարներուն գտնուած տեղը, Թորդանի մէջ Լուսաւորչի գերեզմանը, եւ անոր տնկած հացի ծառը, միանգամայն ատեն կ՚անցընէ այն կողմերը հաստատուած ճգնաւորներուն հետ, պահ մը ինքն ալ անոնց ընկերակցելու փափաքներ զգալով: Բայց վերջապէս ամիսս իբրեւ ինն այս տեղերը պտըտելէ ետքը, Հայաստանի մէջ եղող իշխաններուն հրաւէրին եւ խոստումներուն վրայ, անոնց մօտ կը դառնայ (ՅՈՎ. 369), ժամանակագրական կարգով 920-ին:

723. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԱՇՏԱՐԱՐ

Յովհաննէս Հայաստան դառնալով նորէն ամենայն ինչ շփոթութեան մէջ կը գտնէ: Հայ իշխաններ իրարու մէջ պառակտած, Յուսուփ ալ իր չար խորհուրդները շարունակող, այնպէս որ կրկին կարօտէի, կ՚ըսէ, տարաբնակ լինել ի բնակութենէ աստի, եւ առ նոյն սուրբ յայրին բնակել, որ է Սեպուհի Մանեաց այրը (ՅՈՎ. 360): Յուսուփ նոր յարձակում պատրաստած էր. այս անգամ Վասպուրականի դէմ: Բնակիչները շփոթութեան մատնուելով լեռները կ՚ապաւինէին իբրեւ ամիսս երկուս, բայց յետոյ հաւաքուելով կը յաջողէին հրոսակը վանել, եւ Յուսուփ ինքն ալ Ատրպատական կը քաշուէր, մէկտեղ տանելով Աշոտ սպարապետը, մայրն ու երկու քոյրերը, իբր պատանդ: Ատոմ Անձեւացեաց եւ Գրիգոր Մոկաց իշխաններ, օգնական էին Գագիկի վերջին յաջողութեան: Հազիւ թէ Յուսուփ կը հեռանար, իր տեղակալներ կը տկարանային, եւ Հայ իշխաններ դառնային յիւրաքանչիւր գաւառս (ՅՈՎ. 364): Գագիկ կը յաջողէր Արտազ ու Կոգովիտ ու Բագրեւանդ գաւառներն ալ իր թագաւորութեան միացնել (ԱՐԾ. 322): Աշոտ Երկաթ ալ, որ Կոստանդնուպոլիս կը մնար տակաւին, լսելով թէ այց արար Տէր եւ յաջողեաց ի բարութիւնս աշխարհին Հայոց` Յուսուփի հեռանալովը, կայսրը կը համոզէ, եւ բազում զօրս եւ զօրավարս Հռոմայեցիս մէկտեղ ունենալով, կու գայ Հայաստան իր հայրենական թագաւորութիւնը ձեռք առնուլ (ՅՈՎ. 366): Աշոտը պսակով եւ օգնութեամբ Հայաստան դարձնող կայսեր անունը շփոթմամբ Կոստանդին (ՅՈՎ. 365), կամ Լեւոն (ԱՍՈ. 156) գրուած է, այլ ուղիղն է Ռոմանոս (ՕՐԲ. Ա. 237), նոյն ինքն Լեկաբենոսը, ծագմամբ Հայազգի, որ ի փեսան Կոստանդինը գահազուրկ ընելով կայսրութիւնը ստանձնած էր 919-ին: Յուսուփ որ Ատրպատական կը գտնուէր, եւ Յունական բանակներու հետ մաքառելով Աշոտ Երկաթը հեռացնել չէր յուսար, ձեռքէն եկած գէշութիւնը ըրած ըլլալու համար, Աշոտ սպարապետը Հայոց թագաւոր հռչակելով Հայաստան դարձուց (ՅՈՎ. 366), միւս կողմէն Վասպուրականի թագաւոր Գագիկին ալ նորէն պատիւներ եւ ընծաներ կը ղրկէր իբրեւ Հայոց թագաւորի (ԱՐԾ. 322), որպէսզի այս կերպով Հայեր իրարու դէմ պատերազմելով, լրացնեն երկրին աւերումը զոր ինքն սկսած եւ առջեւ տարած էր: Իրաւ ալ գլխաւորապէս երկու Աշոտներ, իրարու հօրեղբօրորդիներ, իբրեւ զօտարածին թշնամիս ընդ միմեանս ի գրգռութիւն մարտից մարտուցեալ, իրարու վնասներ հասցնել սկսան: Սմբատ Սիսականի եւ Վասակ Սիւնիքի իշխաններ, Աշոտ Երկաթին կողմը բռնեցին (ՕՐԲ. Ա. 237), եւ մեծ պատերազմի մը պատրաստութիւններ կ՚ըլլային, երբ Յովհաննէս կաթողիկոս, ի ժամ դիպող ժամանեալ, երկու հօրեղբօրորդիները եղբայրական լծորդութեան յորդորեց, եւ անոնք ալ կաթողիկոսին հայրական խրատներուն անսալով ի պայման միաբանական խաղաղաւէտ սիրոյ համոզուեցան, եւ երկուքն ալ առանձին մասերու վրայ իշխել յանձնառու եղան (ՅՈՎ. 368), Աշոտ Սմբատեան մնաց Շիրակաւան, եւ Աշոտ Շապուհեան նստեցաւ Դուին (ՅՈՎ. 373): Այդ եղելութիւնները պէտք է դնել 921 տարւոյ ընթացքին մէջ, թէ Աշոտ Երկաթի հասնիլը, եւ թէ երկու Աշոտներուն հաշտուիլը:

724. ՆՈՐԷՆ ԳԺՏՈՒԹԻՒՆՔ

Մասնաւոր դիպուածներ են, որ հետզհետէ կը շարունակեն, Հայ իշխաններու իրարու հետ գժտելովը եւ հաշտուելովը շարունակաբար, այլ ոչ տեւական կերպով: Վասակ եւ Աշոտ Գնթունիք, որք Սմբատին օրէն Գուգարաց մէկ մասին մէջ կողմնակալ հաստատուած էին, ուզեցին ինքնագլուխ ըլլալ, եւ Շամշուլտէ, այսինքն Երեքնետ բերդին մէջ ամրացան: Աշոտ Երկաթ, Աբաս եղբայրն ալ մէկտեղ առնելով, որ իրեն մօտ եկած էր, վրանին գնաց, քիչով անոնց բազմութիւնը ցրուեց, եւ Գուգարաց Գուրգէն իշխանին մօտ հանդարտեցաւ (ՅՈՎ. 371): Յանկարծ լսեց թէ Աշոտ Շապուհեան, պայմանները անարգելով, գրաւած է իր սահմանէն Վաղարշապատը, մէկէն վրայ հասնելով զայն հալածեց, եւ նորէն իր մասը ձեռք անցուց (ՅՈՎ. 373): Յովհաննէս կաթողիկոս վրայ հասաւ, Շապուհեանը յանդիմանեց, ուզեց նորէն հաշտեցնել, բայց չյաջողեցաւ, եւ երկու Աշոտներ զերկեամ մի ելուզակօրէն զկնի միմեանց գռոյթս տային (ՅՈՎ. 374): Աշոտ Երկաթ Աղուանից Սահակ Սեւադա իշխանին մօտ կ՚երթայ, անոր աղջկան հետ կ՚ամուսնանայ, եւ անկէ ալ օգնութիւն առնելով Դուինի վրայ կը քալէ միւս Աշոտին դէմ: Յովհաննէս նորէն կը միջամտէ ի խաղաղութիւն ընդ երկաքանչիւրսն: Բայց Երկաթ չ՚անսար, Դուինի վրայ կը յարձակի, բայց իր աներձագին Գրիգոր Սեւադայի գրգռութեան յուզմանն պատճառով, չի յաջողիր, եւ ետ կը մղուի: Այս անգամ ալ Գուգարաց Գուրգէն իշխանէ օգնութիւն առնելով` նորէն կու գայ պատերազմը նորոգելու, բայց Յովհաննէս կաթողիկոս նորէն մէջտեղ կ՚իյնայ եղբայրասպան կռիւը արգիլել, եւ ուրախութեամբ կը գրէ, թէ յայնմ նուագի ապա ոչ տուաւ նոցա առ յինէն թոյլ` մարտիւ ընդ միմեանս հարկանիլ (ՅՈՎ. 376): Միւս կողմէն կ՚ապստամբի Մովսէս իշխան Ուտէացւոց, Աշոտ իր աներ Սահակի հետ անոր վրայ կ՚երթայ, կը ձերբակալէ եւ կը կուրցնէ (ՅՈՎ. 379): Նոյն միջոցին Գուրգէն Գուգարաց իշխան եւ Աբաս արքայեղբայր Աշոտի դէմ դաւաճանութիւն կը պատրաստեն, Աշոտ կ՚ազատի, բայց թշնամութիւն մը կը սկսի (ՅՈՎ. 380): Վասակ Սիւնի կը սկսի Աշոտէ կասկածիլ եւ կաթողիկոսին կը դիմէ, եւ սա Աշոտէ վստահութեան գիր առնելով կը յանձնէ անոր, բայց ուրիշներ Աշոտ կը համոզեն, թէ միւս Աշոտի հետ խորհրդակից է, որուն վրայ Աշոտ` Վասակը Կայան բերդին մէջ շղթայակապ կը բանտարկէ: Նորէն կաթողիկոսը կը հասնի Աշոտը յանդիմանել, տուած խոստումը յիշեցնելով, բայց սա ի Վասակ զվնասն տարեալ զինքն կ՚արդարացնէր, եւ Յովհաննէս չկրնալով Վասակին վրայ վստահիլ, աւելի չի պնդեր (ՅՈՎ. 382): Այդ ցրիւ պատահարներ զորս ծաղկաքաղ յառաջ կը բերենք, մեզի կը պարզեն ժամանակին տիրող գժտութեանց եւ երկպառակութեանց տխուր պատկերը, երբ ամենէն աւելի պէտք ունէին ձեռք ձեռքի տալով ազգին ընդհանուր բարիքը հոգալ: Միւս կողմէն ալ ճշգրիտ գաղափար կու տան խեղճ Յովհաննէս կաթողիկոսին քաշած նեղութեանց, նոյնիսկ իրեններուն ձեռքէն: Այս վերջէն յառաջ բերուած եղելութիւններ կրնան 922 տարւոյ ընթացքին մէջ զետեղուիլ:

725. ԱՇՈՏ ԵՒ ՍԱՀԱԿ

Բայց տխուր պատահարներ դեռ չէին վերջանար, որեւէ մի աննշան պատճառով կը գժտուէին Աշոտ թագաւորը եւ աները Սահակ: Ձմեռուան մէջ կիրքերը կ՚աճէին, եւ գարնան իրարու դէմ կը ճակատին Ախոյեանք գիւղին մօտ, բայց մեծամեծք աւագանւոյն առժամեայ հաշտութիւն մը կնքել կու տան, եւ Աշոտ ետ դառնալով Դուինը կը զարնէ, իբր զի Շապուհեանը Սահակի համամիտ էր գտնուած: Անկէ Աշոտ կ՚երթայ Ատրներսէհի հետ միանալ, եւ միասին Գուգարաց Գուրգէնին վրայ կ՚երթան, որուն կ՚օգնեն միւս Աշոտը եւ Աբաս արքայեղբայրը: Երբոր ասոնք այստեղ զբաղեալ են` Սահակ Ուտիի կողմէն Աշոտի սահմաններուն վրայ կը քալէ, ու Ձորոփորի կողմերը կը գրաւէ եւ Վասակ Սիւնին Կայան բերդի բանտարկութենէն կ՚ազատէ: Աշոտ կը հասնի, եւ եպիսկոպոս մը բանագնաց կը ղրկէ Սահակի` թշնամութեան պատճառը եւ պահանջը իմանալ, իսկ Սահակ եպիսկոպոսը վար դնելով պատերազմի կը քալէ: Այստեղ Պատմաբանը կը յիշէ, թէ Աշոտ հաշտութեան գիրը, իր առջեւէն տարած խաչին վրայ կապելով, եւ զԱստուած իրաւարար կոչելով, կը խնդրէ որ եթէ ինքն է յանցաւորը, ինքն վնասուի, թէ ոչ թշնամին պատժուի: Եւ այս ուժով կը յարձակի, թշնամին կը ցրուէ, եւ Սահակ աները, եւ Գրիգոր աներձագը ձերբակալելով կը կուրցնէ: Այս պարագայէն Յովհաննէս կաթողիկոս իր սէրը կը հեռացնէ Աշոտ Երկաթ թագաւորէն, որովհետեւ կ՚ըսէ, այսպէս գործեալ իր դառնութեան, անվստահ զսիրտ ամենեցուն կացոյց (ՅՈՎ. 392): Աշոտ Երկաթ, Հայաստանի մէջ թագաւորներուն շատնալը տեսնելով, եւ զինքն ամենէն բարձր նկատելով սկսած էր Շահանշահ անունը գործածել (ՅՈՎ. 395), որով Պատմաբանը ասկէ ետքը կը սկսի հեգնութեամբ իմն` անուանեցեալ Շահանշահ, կամ Շահն կոչեցեալ շահ կոչել Աշոտը (ՅՈՎ. 400), եւ իր համակրանքը կը շատցնէ Գագիկ Արծրունիի, Վասպուրականի թագաւորին, զոր առաջ կը հեգնէր թագակերպեալ (ՅՈՎ. 264) եւ թագաւորացեալ կոչելով (ՅՈՎ. 266): Գոհունակութեամբ կը յիշէ թէ Գագիկ երրորդ անգամ ըլլալով Փարկինի անուն Հագարացի դեսպանին ձեռօք ամիրապետէն թագաւորական թագ կ՚ընդունէր, պսակեալ ի վերայ Հայաստանեայցս (ՅՈՎ. 382): Ասոր վրայ Յուսուփ սկսած էր թշնամութեամբ վարուիլ Գագիկի դէմ (ՅՈՎ. 383), մինչ դերերը փոխուելով, սկսած էր պատիւներ եւ ընծաներ եւ թագ արքայական յղել իր իսկ նահատակած Սմբատի որդւոյն (ՅՈՎ. 375): Այդ առթիւ պէտք է տեղի ունեցած ըլլայ Ատրպատական տարուած տիկիններուն գերեդարձը, որոնք յետ երկեամ մի ամաց գային եւ հանգչէին ի գահս եւ ի սենեակս տէրանց իւրեանց (ՅՈՎ. 372):

726. ՆՈՐ ԿԵՐՊԱՐԱՆ

Վերջապէս Յուսուփի ալ յաջողութեանց ընթացքը սկսաւ վրդովուիլ: Նա սկսած էր հետզհետէ ինքնագլուխ գործել, եւ իբր Ատրպատականի եւ Պարսկաստանի տիրապետը ամիրապետէն գլուխ քաշել: Մըքթատիր-Պիլլահ, եւ անոր տկարութենէ օգտուելով իշխանութիւնը ձեռք անցընող շրջանակը, յատուկ կերպով Մոնոս զօրավարը ղրկեցին (ՅՈՎ. 406) Յուսուփի դէմ անհուն իմն զօրօք, որ թէպէտ անգամ մը եւ երկուք չկրցաւ Յուսուփը յաղթահարել, բայց երրորդ անգամին Յուսուփ չկրցաւ նոր հասնող ոյժերուն դէմ դնել, եւ ինքն ալ գերի բռնուելով, ամիրապետին տարուեցաւ, որ հրամայեց զայն շղթայակապ բանտարկել (ՅՈՎ. 393), եւ յետոյ պատիժը ծանրացնելով` բազումս գանեալ` կապանօք արկանել ի մթին, նեղ, նուրբ եւ տղմուտ բանտ (ՕՐԲ. Ա. 242), որով Յուսուփ ինքն ալ համը առաւ այն գանակոծութեանց եւ խիստ բանտարկութեանց, զորս ուրիշներուն կրել տուած էր: Յուսուփի բանտարկութեան տեւողութիւնը զամս ութն ըսող կայ (ԱՐԾ. 323), այլ հաւանականագոյն է ամս ինչ ընթերցուածը (ՕՐԲ. Ա. 241), եւ այն ալ ոչ աւելի քան երեք տարի, որովհետեւ ութը տարիի տեւողութիւնը 923-էն սկսելով 931-ին կը հասնէր, եւ այն ատեն Պատմաբանը չէր կրնար անոր ազատութիւնը, եւ նորանոր գործերը պատմել (ՅՈՎ. 409): Ատրպատականի ոստիկանութիւնը Յուսուփէ ետքը յանձնուեցաւ Ըսբուքի, որ Յուսուփի օգնականներէն էր, եւ անոր վերջին քաղաքականութիւնը շարունակելով դնէր ուխտ միաբանական խաղաղութեան Աշոտ Երկաթի հետ, եւ յարձակման կը պատրաստուէր Վասպուրականի Գագիկին դէմ: Սակայն Գէորգ Հաւնունի անուն մէկ մը ի կրօնաւորական կարգէ, այսինքն եկեղեցական մը, Գագիկի կողմանէ պատգամաւոր երթալով, ընծաներով եւ հանճարեղ խօսքերով Ըսբուքը հաշտութեան համոզեց, որ անգամ մը խոստանալէն ետքը շարունակեց հաստատ մնալ խաղաղարար ուղղութեան մէջ: Վասպուրական ազատեցաւ հրոսակներէն եւ յարձակումներէն, եւ Գագիկ ձեռնարկեց իր երկիրը ծաղկեցնել, եւ նշանաւոր շինութիւններ ալ կառուցանել, որոնց մէջ աւելի խօսուած են Աղթամար կղզւոյն մէջ շինուած ամրացեալ պալատը եւ մեծ կաթողիկէն: Պալատէն այլեւս հետք չկայ, բայց կանգուն կը մնայ եկեղեցին, զոր այնչափ հիացմամբ կը նկարագրէ Արծրունի (ԱՐԾ. 329-336): Պատմիչին զարմացում ազդող պարագաներէն մին եղած է տաճարին դուրսի կողմին կոփածոյ եւ ներկած պատերով զարդարուիլը, զորս քանդակած է Մանուէլ ճարտարապետը (ԱՐԾ. 331), եւ որոնք հազար տարիէ ետքը տակաւին կը տեսնուին ներկերնին կորուսած, իրօք ալ Հայաստանի մէջ սովորական չեն քանդակները: Իսկ միւս զարմանալին գմբեթին երկնահարթ բարձրութիւնն է, զոր եթէ ոք դիտել ուզէ, պէտք է, կ՚ըսէ, որ նախ ի բաց առցէ զխոյր գլխոյն, եւ ապա տանջեալ զպարանոցն հազիւ թէ նշմարել կարիցէ(ԱՐԾ. 332), բայց կ՚երեւի թէ Արծրունին աւելի բարձր շէնք մը տեսած չէ եղեր:

727. ԱՇՈՏԻ ՁԱԽՈՂԻԼԸ

Երբոր Վասպուրականի թագաւորութիւնը կը խաղաղէր, տակաւին խռովութիւնք չէին դադրեր Արարատի թագաւորութեան մէջ, որ է Աշոտ Երկաթ Շահանշահի` Բագրատունի թագաւորութիւնը: Նախ Վասակ Գնթունի Շամշուլտէի բերդապահը, որ մինակ տիրացած էր եղբօրը Աշոտ Գնթունիին մեռնելէն ետքը 724), նորէն գլուխ կը քաշէր, եւ Աշոտ երկար աշխատութեամբ կը հնազանդեցնէր զայն, յաղթութենէ վերջ անպիտանս յաչաց եւ յընչաց եւ յականջաց ընելով, գերի ինկած բերդակալները (ՅՈՎ. 398): Անկէ ետքը նորէն երկու Աշոտ թագաւորներ իրարու հետ կը մրցէին, բայց վերջապէս երկու տարիէ ի վեր վարած պայքարներէն յոգնած 724) հաշտութեան կը զիջանէին, եւ Յովհաննէս կաթողիկոս յատկապէս հրաւիրուելով, կ՚երթար դիտել եւ պատրաստել ի մէջ նոցա զքաջավայելուչ խաղաղութեան պայման, եւ հաշտութիւնը լրացնելով բազում կայտիռ եւ խնջոյս ցնծութեան կը կատարէին Դուինի մէջ(ՅՈՎ. 400): Երբոր Աշոտ Երկաթ Ուտի դառնալ կը պատրաստուէր կը լսէր, թէ Ամրամ Ցլիկ, զոր ինքն այնտեղ հրամանատար դրած էր, ապստամբած է, բայց իր վրայ հասնելուն` Ցլիկ կը փախչի ու գաղտնի պատրաստութեանց կը ձեռնարկէ, եւ այլեւս ապստամբ սրիկայքն իրեն կը միանան: Աշոտ անկէ Եգերացւոց թագաւորին կ՚երթայ, եւ ապահովաբար ետ դարձած ատեն, ի մէջ անտառախիտ մայրացն առ ափն Կուր գետոյ, ուր որջացեալ ամրացեալ կային Ցլիկի գունդերը, Աշոտ թակարդի մէջ կ՚իյնայ: Հազիւ թէ ինքը Կաքաւաքար բերդը կ՚ապաւինի, սակայն իր գունդերը կը կոտորուին մինչ զի ոչ մի ոք ի նոցանէն կարէր ճողոպրիլ (ՅՈՎ. 404): Պատմաբանը անգամ մըն ալ առիթ կ՚առնէ Աշոտ Երկաթը մեղադրել, թէ զողջախոհութիւնն զայն զոր նախն էր ստացեալ, յանմաքուր յողջախոհութիւն փոխարկեալ էր, եւ թէ այս պատճառաւ այլեւս ոչ յաջողեցան հետեւանք արշաւանաց նորա, որպէս յերեկն եւ յեռանդն: Իսկ անոր հակառակ լիաբերան գովեստներ կը շռայլէ Գագիկի, թէ ամս հարուստ մի իմաստութեամբ իր թագաւորութիւնը կը պայծառացնէր (ՅՈՎ. 406):

728. ՅՈՒՍՈՒՓ ԵՒ ՆԸՍՐ

Մըքթատիր-Պիլլահի ամիրապետութիւնը` թէպէտ երկար տեւեց մինչեւ 932, սակայն միշտ տկար եղաւ, եւ շարունակ ապստամբութիւններէ նեղուեցաւ: Ասոնց մէկ շարժումն ալ տեղի ունեցաւ երբ Յուսուփ բանտին մէջ կը հեծէր: Մէկ կողմէն անապատի արաբացիներ, կամ Կարմաթացի կոչուած վաչկատուն ցեղեր, միւս կողմէն Թուրքաստանի մարդամբոխ սրիկայք եւ սրավարք, Պաղտատ մայրաքաղաքին իսկ կը սպառնային, եւ դէմ դնելու կարող զօրավար չէր գտնուեր: Այն ատեն Մոնոս` խորհրդածու դրանն արքունի (ՅՈՎ. 408), որ Մունէս ներքինապետ ալ կոչուած է (ՎԵՐ. 456), այն որ ինքնին իսկ էր կալեալ Յուսուփը եւ ածեալ ամիրապետին, խորհեցաւ Յուսուփին ներել, եւ նորէն անոր յանձնել արեւելքէն յարձակող Թուրքերուն դէմ պատերազմը (ՅՈՎ. 409) եւ ըստ այնմ ամիրապետն ալ համոզեց: Դժուար է ճշդել Յուսուփի ազատութեան թուականը, արտաքիններէն որոշ յիշատակութիւններ չունինք, ազգայիններն ալ թուականի մտադիր չեն, եւ եթէ տարեթիւ մը կը նշանակեն, իրարու համաձայն չեն: Մունէսի յանկարծ զօրանալուն եւ երեք օրուան համար Մըքթատիրը գահազուրկ ըրած ըլլալուն մասին յիշատակութիւն մը ունինք արտաքիններէն, որ յարմար կու գար Յուսուփի բախտին փոխուելուն, սակայն այն 929-ին տեղի ունեցաւ (ՎԵՐ. 456), որ շատ կը յապաղէ դիպուածոց կարգը, եւ միջոց չի թողուր ապագայ եղելութեանց, ուստի շուրջ 926-ին պէտք է դնենք այդ փոփոխութիւնը: Յուսուփ նախապէս ընդ Միջագետս Ասորւոց յորդաչու լեալ կ՚ըսուի, որով առաջ Թուրք ասպատակը ցրուելու ձեռնարկած է, եւ անկէ կը հասնի Կորդուոց նահանգը, Վասպուրականի թագաւորէն հին վրէժը լուծելու: Գագիկ ընտանիքն ու գանձը Կոգովիտ եւ Ծաղկոտն գաւառներու լեռները ղրկելով, ինքն պաշտպանութեան կը պատրաստուի եղբօրը Գուրգէնի հետ: Ատոմ Անձեւացեաց իշխան հարկը կրկնելով եւ ընծաները առատացնելով Յուսուփը կը շահի, Գագիկ ալ խելացութիւն կը համարի նոյն ճամբան բռնել, տալ կրկին եւ երեքկին զսակ հարկին, որպէսզի կոտորածն ու աւերածը խափանէ, եւ կատարուած շինութիւններ չվտանգուին: Յուսուփ ալ ագահութինը կշտացած տեսնելով, իբրեւ հնդիկ իմն զսեւութիւն թխութեանն յանձնէն ի բաց մերկացեալ, դիւրագորով հաշտութեան կը զիջանէր (ՅՈՎ. 412), եւ կ՚անցնէր կ՚երթար Ատրպատական, այնտեղի գործերը կարգադրելու: Կը մնար Արարատի եւ Սիւնիքի կողմերէն ալ կողոպուտ քաղել, բայց ինքն զբաղած ըլլալուն Նըսր Ըսբուք (ՅՈՎ. 413) կամ Նըսր Սըբըքի անուն (ՕՐԲ. Ա. 241) ոստիկան մը կը ղրկէ Հայաստան իր հրամանին ներքեւ: Իսկ այն Ըսբուք ոստիկանը, որ Յուսուփի յաջորդած էր, Արտաւիլի մէջ կը մեռնի, եւ անոր գանձերն ալ կը ծառայեն ի լիութիւն ընչաքաղցութեանն Յուսուփի (ՅՈՎ. 414):

729. ՆԸՍՐԻ ԿԵՂԵՔՈՒՄՆԵՐԸ

Հազիւ թէ Նըսր Նախիջեւան կը հասնի, զայն դիմաւորելու կու գայ Սիսական իշխաններուն կրտսերը Բաբգէն, որպէսզի ոստիկանը շահի, եւ իր եղբօրը Սահակի տեղ անցնի, որ Սմբատի հետ կիսած էին Սիսականի իշխանութիւնը: Նըսր ձեռք ինկած որսին վրայ ուրախ, Սահակն ալ իր մօտ կը կանչէ, եւ միասին Դուին կը տանի, եւ հոն երկուքն ալ կը բանտարկէ, փրկանքի համար ծանր գումար պահանջելով: Հետզհետէ նոյն կերպով արս աւելի քան քառասուն դնէր ի բանտի (ՅՈՎ. 417): Դրամի համար բռնութեանց սկզբնաւորութիւնը, իրեն ալ գլխուն գալիք վտանգը զգացուց կաթողիկոսին, որ այն միջոցին կը գտնուէր Այրեվանք, Գառնիի մօտ, Գեղայ լեռներուն ձորամէջը: Լսեց իրեն նկատմամբ ալ եղած խորհուրդները, եւ հարկ զգաց խոյս տալ ի պատնէշ պաշարմանէն որ մօտալուտ էր: Այն առտուն որ պիտի մեկնէին, տեսան որ խաւարեալ էր արեգակն, եւ զայն իբր երկնային ազդարարութիւն մեկնելով, աճապարեցին հեռանալ, բայց, կ՚ըսէ, ոչ եթէ յառժամանակեայ մահուանէ պակսացեալ խուսափեցի, այլ որպէսզի զմանկամբք եկեղեցւոյ` որ իրեն հետ էին, հաղբք եւ խառնում շփոթից չպաշարեն (ՅՈՎ. 419): Այրեվանքէն կը բարձրանայ դէպի լեռ, ի վերին վանս, կամ լաւ եւս գոմերուն կողմը, ուր կայանք անասնոցն էին, անկէ ալ կ՚իջնէ Գեղամայ լիճին եզերքը, եւ կը փակուի Սեւանի կղզին, իր առաջին աշակերտութեան վանքը: Չորս օր միայն այնտեղ մնալէ ետքը` պէտք կը զգայ մօտ գտնուիլ ի հայրապետանոց եկեղեցին սուրբ, եւ կը մտածէ եւս Նըսրի հետ բանակցութեան մտնել, եւ այն ստացուածները, զորս պահել չէր կրնար` իբր ընծայ տալով, հաւանութիւն ստանալ որ ի սրբարան դադարեալ մնայ եւ գործերուն հետեւի (ՅՈՎ. 420): Այդ դիտմամբ կու գայ իր սեփականութիւնն եղող ի ձեռակերտ ամրոցիկն Բիւրական, եւ հրովարտակ առ Նըսրն կը ղրկէ, թէ ինքն այլընդայլոյ ահացուցիչ լուրերու պատճառով հեռացաւ, այլ եթէ զինքն ապահովցնէ` պատրաստ է Դուին գալ եւ մօտը մնալ, եւ ըստ ամենայնի զինքն հաճեցնել: Նըսր կը հաւանի եւ յետկար երդման կը պատրաստէ կաթողիկոսին ղրկելու, բայց ոմն դատաւոր կրօնից Մահմէտի անոր միտքը կը պղտորէ, եւ կը համոզէ կաթողիկոսը ձերբակալելու եւ անոր ինչքերը կողոպտելու համար գունդ մը հանել: Ղրկուած զինուորները առաջ Այրեվանք կ՚երթան, մէջի կրօնաւորները ծեծով ու չարչարանքով գանձերը ցուցնելու կը ստիպեն, ուրացութեան ալ կը հրաւիրեն, կը սպաննեն, եւ վանքը կողոպտելով Նըսրին կը բերեն (ՅՈՎ. 424): Յովհաննէս կաթողիկոս հազիւ այդ եղելութիւնները կը լսէ, կը փութայ Բիւրականէ ալ հեռանալ, իրեններն ալ միասին, եւ կ՚երթայ ապաւինիլ Բագարան քաղաքը, առ թագաւոր Աշոտ (ՅՈՎ. 425), որով պէտք է իմանանք Շապուհեան Աշոտը, ինչպէս կը հաստատուի ուրիշ տեղ ի թագաւորազանց բողբոջն ըսելովը (ՅՈՎ. 446), մինչ Սմբատեան Աշոտը պիտի տեսնենք Սեւան կղզին ապաւինած:

730. ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ

Կաթողիկոսին Բիւրականէ փախած ատեն չէր կրցած իրեն հետեւիլ դրան եպիսկոպոսն Սահակ, հիւանդ ըլլալուն պատճառով, անոր հետ մնացեր էին քանի մը քահանաներ, սարկաւագներ ու կրօնաւորներ: Բիւրականի բնակիչներն ալ չէին կրնար` ծեր ու տղայ, կին ու տկար, երեսի վրայ թողլով փախչիլ. ուստի իրենց մէջէն զինուորութեան վարժ եղողներ գլուխ կանգնեցան, եւ ամրոցիկը պաշտպանելու պատրաստուեցան: Մարմնաւոր պատրաստութեանց հոգեւորականն ալ խառնելով, յետին թոշակի խորհուրդը խնդրեցին եպիսկոպոսէն, որ յատուկ պատարագեց, ամէնքը հաղորդեց, եւ մարտիրոսական մահուան պատրաստեց, հրեշտակական շղթանցն խրատներով եւ յորդորներով: Երբոր Նըսրի ղրկած հրոսակը հասաւ, ամրոցը փակուած գտաւ, եւ պատերազմի ձեռնարկեց: Եկողները աւուրս եօթն յարձակումները նորոգեցին, բայց ոչ կարէին ստնանել ամրոցին, եւ թերեւս բնաւ ալ չյաջողէին, եթէ ներսէն զողորմութիւն եւ զհաւատս ուրացեալ քանի մը մատնիչներ յարձակողներուն ճամբայ չցուցնէին (ՅՈՎ. 432): Բոլոր Բիւրականի մէջ գտնուողներ գերի ինկան, եւ անողորմաբար կոտորուեցան, կիներ եւ պատանիներ իբրեւ աւարաբաժին պահուեցան, եւ ամրոց ու եկեղեցի ու տուներ կողոպտուեցան: Գերիները միահամուռ հաւաքելով, նախ մերկացուցին ի նոցանէ զզգեստիկն, յետոյ զէնք սկսան շողացնել ուրացութեան յորդորելով, եւ անոնց հաստատամիտ յայտարարութեանց վրայ` միառմի խողխողեցին իբրեւ զոչխար ի սպանդ վարեալ: Ասոնք են Բիւրականի վկաները, որոնց գլուխը կը գտնուի Սահակ եպիսկոպոս, եւ յանուանէ կը յիշուին` Մովսէս եւ Սարգիս եւ Դաւիթ եղբայրներ, երեքն ալ քահանայ, առջի երկուքը ամուսնացեալ եւ Դաւիթ կուսակրօն, Սահակ կրօնաւոր աչքէ տկար, Սողոմոն Սագաստանցի ճգնաւոր, եւ Թէոդորոս սարկաւագ` վերակացու շինուածոց եւ մարզիչ մարդկան: Պատմաբանը ութ թուով կը դնէ վանականները, որով մէկին անունը անծանօթ կը մնայ, իսկ Բիւրականցիները կը հաշուէ աւելի քան զերկերիւր (ՅՈՎ. 437): Միայն Գէորգ սարկաւագ յաջողած է կոտորածէն ազատիլ, եւ եղելութեանց լուրը կաթողիկոսին բերել (ՅՈՎ. 438): Իբրեւ նշանակելի պարագայ կը յիշուի, որ գերիներու մէջ մահմետական մշակներ ալ գտնուելով, ինքզինքնին յայտնելով ազատ թողուած են, որ միանգամայն Խանդաղատանօք ողոքէին զմի մի հաւատացելոցն երթալ խառնիլ ի նոսա (ՅՈՎ. 436): Երբոր գերի կիներն ու աւարը եւ սպանելոց գլուխները Նըսրին բերին, ուրախութեան վայրկեանի մէջ կը հրամայէ զգերեալսն առհասարակ լուծանել եւ թողուլ (ՅՈՎ. 440), եւ ընդհակառակն հրամայէ սրով սատակել զինուորսն զայնոսիկ, որք մատնեցին զամրոցն (ՅՈՎ. 441): Միայն իբրեւ բեռնակիր բերուած երկու Բիւրականցիները, մէկը Կիրակոս զինուոր եւ միւսը Կիրակոս մշակ, ուրացութեան կը հրաւիրէ, եւ ընդդիմանալնուն վրայ գլխատել կու տայ (ՅՈՎ. 441): Բիւրականի վկաներուն նահատակութեան օրը նշանակուած է ահեկի 10, իսկ Կիրակոսներունը ահեկի 17 (ՅՈՎ. 438, 441), նոյնպէս կրկնուած է եւ այլուր (ՎԱՐ. 87): Միայն Յայսմաւուրքը ահեկի 12 կը դնէ, եւ կը համեմատէ Ապրիլի 19-ին (ՅԱՍ. Ա. 174): Սակայն շարժական տոմարով պէտք էր համեմատել Դեկտեմբեր 14 եւ 21 օրերուն: Տարեթիւը 332 նշանակուած է (ՅՈՎ. 438), բայց յայտնի շփոթութիւն մըն է, վասնզի 883 տարին Յովհաննէսի ընտրութենէն ալ առաջ է, թուատառերը ուղղելու հաւանական հիմ մըն ալ չենք գտներ, եւ 926 տարւոյ վերջերը յարմար կը տեսնենք դնել Բիւրականի արկածը:

731. ՆՈՐԱՆՈՐ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այդ միջոցին Նըսր կը պարտաւորուի Ատրպատական դառնալ Յուսուփի հրամանով, այնտեղ երեւան եկած ապստամբութիւն մը նուաճելու: Իրեն փոխանորդ կը թողու Բըշր կամ Պէշիր անունով ոստիկան մը, եւ անոր կը յանձնէ Սահակ ու Բաբգէն կալանաւոր իշխանները: Բըշր սկսուած գործը առջեւ տանելու համար Աշոտ Երկաթի վրայ կը քալէ, վասն ոչ հնազանդելոյ նմա նոցա, բայց անոր դէմ բան մը չի կրնար յաջողցնել, վասնզի Աշոտ յանմարտնչելի ամրոցն ի Սեւան կղզւոջ առկայանայր, եւ կը սկսի աստ եւ անդ յարձակիլ, եւ զսակաւամասնեայ մնացորդս մարդկան գերել եւ աւար հարկանել եւ ճարակ սրոյ տալ (ՅՈՎ. 443), իրեն դէմ դնող ալ չի գտներ` աւերեալ եւ անմարդացեալ երկրին մէջ: Միայն Գէորգ անուն իշխան մը, Մարզպետունի կոչուած յոմանց (ՉԱՄ. Բ. 811), գլուխը քաջերու պզտիկ խումբ մը ժողվելով Բըշրը կը նեղէր, եւ մէկ քանի անգամ ալ բաւական վնաս կը հասցնէր, ինչպէս Քեղա ամրոցին պաշարման առթիւ (ՅՈՎ. 445), եւ Աշոտ ալ պատեհ գտնելով Սեւանէ դուրս յարձակում մը կ՚ընէր: Բայց Բըշր իր զայրոյթը տկարներուն վրայ կը թափէր, զանպարտսն պարտաւոր մահու արարեալ, զանպարտ քահանայսն եւ զերկրագործ մշակս եւ զխաշնարածսն եւ զճանապարհորդսն եւ զաղքատսն եւս (ՅՈՎ. 144): Այդ միջոցին Նըսր կը դառնայ Ատրպատականէ եւ շիտակ Սիսականի Սմբատ իշխանին վրայ կը քալէր, բայց անոր պատրաստած զօրութենէն խիթալով եւ տուած ընծաներէն շահուելով, հաշտութիւն կը կնքէ, եւ նախ Բաբգէնէ եւ յետոյ Սահակէ պահանջուած փրկանքներն ալ ընդունելով կ՚արձակէ իրենց տեղերը (ՅՈՎ. 448): Այս եղելութիւններով կ՚անցնէր 927 տարին, միշտ միեւնոյն նեղութեանց եւ անդարմանելի հարուածոց մէջ:

732. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԿԸ ՔԱՇՈՒԻ

Յովհաննէս կաթողիկոս Բիւրականէ փախչելով եկած էր Բագարան, Աշոտ Շապուհեանի մօտ, միշտ դիտում ունենալով Դուինի հայրապետանոցը ազատել եւ կարգադրել, որ հանդերձ գեղօք եւ գերդաստանօք առ հասարակ ընդ ձեռամբ նուաճեալ էր Նըսրայն: Գեղեցիկ էր կաթողիկոսին փափաքը, բայց կացութիւնը նպաստաւոր չէր, զի ոչ ոք էր, որ գուն ի վերայ գործէր հոգւով չափ` սակս նորոգման մայրաքաղաք եկեղեցւոյն: Տարիի մը չափ այդ դիրքին մէջ սպասեց Յովհաննէս Բագարանի մէջ, թերեւս Նըսրի բացակայութիւնն ալ իրեն յաջող պարագայ մը երեւցաւ, բայց երբոր Նըսր վերադարձաւ իր ակնկալութիւններն ալ տկարացան, եւ վերջնական որոշման հարկը զգաց: Ինքն տարիքով յառաջացած պիտի ըլլար, քանի որ տասը տարի առաջ Կոստանդին կայսեր գրած նամակին մէջ իր ծերութիւնը կը յիշէր (ՅՈՎ. 351): Աշոտ Սմբատեանի վրայ իր վստահութիւնը դադարած էր: Աշոտ Շապուհեան տկար եւ անզօր էր գործի գլուխ կանգնելու, Գագիկ Արծրունին լաւագոյն դիրք կը վայելէր, բայց այն ալ իր սահմաններուն մէջ փախած, միշտ հրաւիրման կոչման առաջարկներ կ՚ընէր, Հայոց կաթողիկոսը իր մօտն ունենալու համար, որ իբր թագաւոր Հայոց գիրք կազմէ, եւ զայն բարձրացնէ եւ վաւերացնէ: Վարանոտ կացութեան մէջ մնաց Յովհաննէս մինչեւ ամառնայինն յաշունն յեղանակեալ յեղափոխէր, զոր ի դէպ է 927 տարւոյն պատշաճեցնել, եւ վերջապէս Գագիկի մօտ երթալու որոշումը տուաւ, Շապուհեանէ ալ նպատակին յորդորուելով, եւ ապա առ ի նմանէն յուղարկեալ, եւ ճանապարհի ու ապահովութեան միջոցներն ալ ստանալով, եկաւ հանդարտիլ Գագիկ Արծրունիի մօտ, եւ անոր հովանւոյն ներքեւ անցընել իր վերջին օրերը (ՅՈՎ. 446): Այստեղ կը սպառի Յովհաննէս կաթողիկոսի պատմութիւնը, եւ մեզ կը պակսին իր մահուան թուականին եւ պարագաներուն մասին որոշ տեղեկութիւններ, եւ ճոխ ու կատարեալ կենսագրութիւն մը թերի կը մնայ իր վերջին մասին մէջ: Այդ թերութիւնը կ՚ազդէ նաեւ Յովհաննէսի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը ճշդելու խնդիրին: Ինչ որ իբր ստոյգ կրնանք նշանակել այն է, թէ Յովհաննէս այլեւս Վասպուրականէ դուրս չելաւ, հաւանաբար Աղթամարայ կաթողիկէն փառաւորեց, բայց շատ երկար չապրեցաւ, իսկ գերեզմանը եղաւ Ձորովանքի մէջ Գէորգ Գառնեցիի գերեզմանին մօտ 695), որուն գործակիցն ալ եղած էր:

733. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Յովհաննէսի մահուան թուականը ճշդելու համար շատեր անոր պատմութեան վերջին կէտերը իբր որոշիչ փաստ կը նկատեն, սակայն մեր տեսութեամբ ուրիշ է պատմութիւնը փակել եւ ուրիշ է կեանքը կնքել: Յովհաննէսի պատմութեան ոճը, ու ոճին մէջ տեսնուած փոփոխութիւնները յայտնապէս կը ցուցնեն, թէ այն ոչ թէ մէկ անգամէն եւ յատուկ ուսումնասիրութեամբ գրուած գործ մըն է, այլ նախապէս հին ժամանակները քաղած է Մովսէս Խորենացիէն, եւ մերձաւոր ժամանակները Շապուհ Բագրատունիէն, այն ալ կաթողիկոսանալէ առաջ կամ կաթողիկոսութեան սկիզբները: Անկէ ետքը մաս մաս իբրեւ անձնական յիշատակագիրք շարունակած է իր պատմութիւնը, օգտուելով աստ եւ անդ ունեցած առանձնացման միջոցներէն, ինչպէս Գուգարք, Դերջան, Բագարան եւ ամենէն ետքը Վասպուրական: Այստեղ վերջին ձեռքը տուած է իր գործին եւ զայն փակած է սրտառուչ յորդորականով մը, ուր գժտութեանց տխուր հետեւանքները, կը յիշէ ու Սուրբ Գիրքի օրինակներով կը ճոխացնէ (ՅՈՎ. 455), եւ կ՚ողբայ որ ցարդ եւս յարակայեալ յուզումն անդնդապտոյտ ալեացն ոչ հանդարտեաց (ՅՈՎ. 451), եւ կը խրատէ ուղղութեան եւ միաբանութեան հետեւիլ: Այսպէս իր երկասիրութիւնը փակելէ ետքը տակաւին ապրած կրնայ ըլլալ, թէպէտ յառաջացած ծերութեան եւ նեղութիւններէ ու տանջանքներէ ու տառապանքներէ պարտասած ու տկարացած վիճակի մէջ: Ամենէն աւելի աչքի զարնող կէտերը, ժամանակակից անձերուն նկատմամբ, եւ գլխաւորապէս Աշոտ Երկաթի եւ Գագիկ Արծրունիի, եւ Հայոց թագաւորութեան բուն տէրը ցուցնելու մասին, իր փոփոխուած տեսութիւններն են, պարագայից փոփոխուելուն համեմատութեամբ, ինչ որ տարբեր ժամանակներ եւ տարբեր տպաւորութեանց ներքեւ գրուած ըլլալը կ՚ապացուցանէ: Ժամանակագրական տեսակէտէն աչքի զարնող կէտը Աշոտ Երկաթի մահը չյիշատակելն է, որուն իբր հաստատուն թուական ընդունուած է շատերէն 928 տարին, սակայն այդ` միայն յիշեալ թուականին իր պատմութիւնը վերջացուցած, եւ ոչ թէ արդէն մեռած ըլլալը կ՚ապացուցանէ: Ցուցակագիրներ ընդհանրապէս 27 կամ 27 ու կէս կամ 28 տարի կաթողիկոսութիւն կու տան Յովհաննէսի, որ 898-էն սկսելով 695) կը հասնի 926-ին, սակայն պատմական պահանջներ կը պարտաւորեն այդ թուականէն անդին ալ երկարել Յովհաննէսի կեանքը: Ասողիկի մէջ 22 տարի ըսուած ըլլալը (ԱՍՈ. 147) պէտք է թուատառի սխալման վերագրել, ԻԸ. գրուածը ԻԲ. արտագրուած ըսելով, իսկ Կալանոսի հեղինակին միայն 7 տարի նշանակելը նկատողութեան իսկ արժանի չենք սեպեր, քանի որ նա կաթողիկոսներու կարգն ալ խանգարած է, եւ Մաշտոց 1, Թէոդորոս 11, Յովհաննէս 7 ու Եղիսէ 7 տարիներով ցուցակ մը կազմած է (ԿԱԼ. 210): Այդ տարտամ յիշատակներու հանդէպ հաւանականագոյն կը սեպենք 929-ին դնել Յովհաննէսի մահը, ծերացեալ եւ ընկճեալ տարիքի մէջ, երբ Աշոտ Երկաթ ալ մեռած էր քիչ առաջ: Այս կերպով Յովհաննէսի կաթողիկոսութիւնը 30 լրացեալ տարիներ տեւած կ՚ըլլայ: Օրբէլեան տեղ մը կը յիշէ, թէ Հայոց 379, որ է 930 տարին, Սիւնեաց Յակոբ եպիսկոպոսը Տաթեւի մայր եկեղեցին բովանդակ նկարել տալով, մեծահանդէս նաւակատիք կատարեց, եւ կոչեաց զկաթողիկոսն Հայոց ներկայ ըլլալ հանդէսին (ՕՐԲ. Ա. 303): Եթէ կաթողիկոսին անունը տրուած ըլլար, եւ եթէ թուատառին վրայ կասկած չըլլար, պիտի պարտաւորուէինք տարի մը կամ երկու եւս յետաձգել Յովհաննէսի մահը, սակայն հաւանական չենք տեսներ ծերացեալ եւ տկարացեալ կաթողիկոսին լոկ նաւակատիքի մը համար Վասպուրականէ Սիւնիք գացած ու դարձած ըլլալը:

734. ԱԹՈՌԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Յովհաննէս կարկառուն դէմք մըն է Հայոց հայրապետներու շարքին մէջ, ոչ միայն մատենագիր մը եղած ըլլալով, որ յիշատակաց արժանի ըլլալու գերազանց հիմն է, այլեւ իր անխոնջ գործունէութեամբը եւ բազմաչարչար կեանքովը: Ընտրութեան օրէն աստանդական, բայց Դուինի աւանդական հայրապետանոցը աչքէ չհեռացուցած, մինչեւ իր վերջին օրերը երազեց հայրապետանոց եկեղեցին սուրբ վերանորոգել (ՅՈՎ. 420), եւ օրհնել զԱստուած ի սրբութեան նորա (ՅՈՎ. 421), եւ միայն երբ ամէն կողմէն լքուած եւ յուսաբեկ մնաց` այն ատեն հեռացաւ Դըւնայ կեդրոնէն, որ արդէն Գէորգ Գառնեցիին օրէն դադրած էր իրապէս հայրապետներու հաստատուն բնակավայրն ըլլալէ 690): Դուինի երկրաշարժէն, այսինքն 893-էն մինչեւ 927 անցած 34 տարիներու մէջ, որչափ ալ Դուին զրկուած էր հայրապետներուն ներկայութենէն, սակայն հայրապետանոցը պաշտօնապէս եւ իրաւապէս այնտեղ կը սեպուէր, եւ աթոռոյ երկրորդ փոխադրութիւնը պէտք է դնենք 927-ին, որով 485-էն, երբ աթոռը պաշտօնապէս Վաղարշապատէ Դուին փոխադրուեցաւ Յովհաննէս Մանդակունիի ձեռքով 321), անցած կ՚ըլլան 442 տարիներ, մինչեւ որ Դուինէ ալ Վասպուրական փոխադրուեցաւ Յովհաննէս Դրասխանակերտցիին ձեռքով: Աթոռը Վաղարշապատի մէջ մնացած էր միայն 182 տարի 303-է սկսելով, որով Դուինը ամենէն երկար տեւող հայրապետանոցը կ՚ըլլայ: Ասկէ ետքը արագ արագ փոփոխութիւններ պիտի տեսնենք, ազգին անկայուն կացութեան հետեւանօք: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը, որ երբեք տեղական անուն մը վրան չառաւ, նովին իսկ իրեն օրինական աթոռավայր նկատեց, ուր ուրեք որ Հայութեան քաղաքական կեդրոնը տեսաւ: Վասպուրականի աթոռը սովորաբար Աղթամարայ աթոռ կը կոչենք: Քանի որ Աղթամարայ կաթողիկէն լրացած կամ գրեթէ լրացած էր Յովհաննէսի Վասպուրական երթալէն առաջ, քանի որ Գագիկ Արծրունի փառաւոր կաթողիկէ մը հիմնած էր իր թագաւորութեան մէջ. եւ քանի որ արքունական մեծագործ եւ ամրացեալ պալատն ալ Աղթամար կղզիին մէջն էր (ԱՐԾ. 331), անտարակոյս այնտեղ ալ եղաւ Յովհաննէսի յատկացուած նոր հայրապետանոցը:

735. ՍԻՒՆԵԱՑ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ

Յովհաննէս կաթողիկոսի ժամանակակից է Յովհաննէս Սիւնեաց եպիսկոպոսը, նշանաւոր իր 33 տարւոյ երկար պաշտօնավարութեամբ (ՕՐԲ. Բ. 247), եւ այն մեծագործ հիմնարկութիւններով, զոր իր յորդորներով եւ առաջնորդութեամբ կատարեցին Սիւնեաց իշխաններն ու տիկինները, գլխաւորապէս Տաթեւու աթոռանիստ մայրավանքին վրայ: Տաթեւին աթոռանիստ լինելը Օրբէլեան կը հանէ Գէորգ եպիսկոպոսի օրը (ՕՐԲ. Ա. 248), որուն ընտրութիւնը, զանազան թուականները մերձեցնելով, եղած է 832-ին, եւ պաշտօնին տեւողութիւնը 8 տարի: Գէորգէ ետքը Տաթեւը պայծառացնողներն եղած են իր յաջորդները, Դաւիթ 17, Յովհաննէս 10 եւ Սողոմոն 18 տարի (ՕՐԲ. Բ. 247), որոնց կը յաջորդէ վերոյիշեալ Յովհաննէսը, 885-ին, քանի որ վախճանած է 918-ին (ՕՐԲ. Ա. 298), 33 տարի պաշտօն վարելէ ետքը: Ինքն Նորեացշէն գիւղացի այրի եւ մուրացիկ աղքատի զաւակ, մօրուին ձեռքէն հանապազ գանալից եւ սովամահ ըլլալէն փախչելով Տաթեւի վանքը կ՚ապաւինի, եւ աշակերտութեան մէջ զարգանալով Դաւիթ եպիսկոպոսէ քահանայ կը ձեռնադրուի, Սողոմոնի ատեն փակակալ կ՚անուանուի, եւ կ՚ըլլայ գլուխ ամենայն կղերիկոսաց եւ աւագ եկեղեցպանաց, եւ վերջապէս Գէորգ կաթողիկոսէ Սիւնեաց եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի: Տաթեւը ի հիմանց վերանորոգելու միտքը կը յղանայ, եւ 344 նաւասարդ 4, կամ 895 Ապրիլ 20 Զատիկի օրը կը կատարուի սկիզբըն շինուածոյ եկեղեցւոյն (ՕՐԲ. Ա. 269): Տասնումէկ տարի ետքը 906-ին կը կատարուի մեծահանդէս նաւակատիքը, որուն կը նախագահէ Յովհաննէս կաթողիկոս, եւ ներկայ կը գտնուին Սմբատ Հայոց թագաւոր, եւ Գագիկ Վասպուրականի իշխան, ինչպէս նաեւ Սիւնեաց երեք մասերու իշխանները, այսինքն Աշոտ Սիսական, Գրիգոր Սուփան եւ Ձագիկ Բաղաց որք համաձայնութեամբ միաբան եւ միախորհուրդ հոգացած էին ծախքերը (ՕՐԲ. Ա. 269): Նաւակատիքի հանդէսները կը տեւեն ութն օր, եւ անկէ ետքը կը ցրուին Հայոց եւ Աղուանից ամէն կողմերէն հաւաքուած եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ (ՕՐԲ. Ա. 273): Այդ ժամանակէն նոր զարկ մը կ՚առնէ Տաթեւի ուսումնական զարգացումն ալ, որ պայծառանայր քահանայական եւ կրօնաւորական դասուք ի չափ հինգհարիւր եղբարց, եւ լի էր ծովամատոյց փիլիսոփայիւք երաժշտական երգոց, ճոխ էր եւ վարժարանն վարդապետական կրթութեամբն, նաեւ արհեստաւորք նկարչացն եւ գրողաց անհամեմատք (ՕՐԲ. Ա. 271): Օրբէլեան հնացեալ եւ ծայրատեալ ձեռագիր նամակներէ քաղելով` յառաջ կը բերէ Տաթեւի եղած շնորհումները, եւ Սիւնիքի ուրիշ վանքերուն շինութիւնները եւ ստացութիւնները (ՕՐԲ. Ա. 275), որոնց ոճերն ու ձեւերն ալ հետաքրքրական են յատուկ ուսումնասիրութեամբ զբաղողներու համար: Մենք բաւական կը սեպենք յիշել, թէ այդ գրութեանց ներքեւ կը կարդացուի Պատմաբանին ստորագրութիւնն ալ. Ես Յովհաննէս շնորհիւն Աստուծոյ կաթողիկոս Հայոց, վկայ եմ այսմ անխախտ եւ անխափան վճռոյս, որ աւանդեցաւ ի մեծ իշխանացս Սիւնեաց, եւ կնքեցի իմով սովորական մատանեաւ (ՕՐԲ. Ա. 279, 283), ինչ որ կը ցուցնէ թէ իր տառապագին կեանքին մէջ ալ, զանց չէր ըներ նա եկեղեցւոյ մանր շահերովը զբաղիլ, թէպէտ այդ պարագաները իր պատմութեան մէջ յիշած չէ: Յովհաննէս կաթողիկոսի Սիւնեաց հետ ունեցած յարաբերութեանց կարգին յիշենք եւս Յովհաննէս եպիսկոպոսի յաջորդին ձեռնադրութիւնը, զոր կատարեց ինքն մեծ եւ աշխարհակալ կաթողիկոսն Հայոց տէր Յովհաննէս, Սիւնեաց գահերէց իշխան Սմբատ Սիսականի խնդրանօք: Նոր եպիսկոպոսն եղաւ Յակոբ, որդի եղբօր նոյն ինքն Յովհաննէս կաթողիկոսին, սենեկապետ տան կաթողիկոսարանին, եւ գործակալ կաթողիկոսին, եւ աւագ ամենայն կղերիկոսաց Դըւնայ հայրապետանոցին մէջ, որ կը ներկայացուի իբր այր բարձրահասակ եւ գեղեցկատեսիլ, հանճարեղ եւ իմաստուն, քաղցրաբարոյ եւ հեզամիտ, լի ամենայն առաքինութեամբ (ՕՐԲ. Ա. 299), եւ բաւական նոր շինութիւններ ալ ըրած ըլլալը կը պատմուի 733), բայց դժբախտաբար պիտի հանդիպինք իր կարգին կաթողիկոսութենէ ապստամբելու ունեցած յաւակնութեանը:

736. ԹՈՆԴՐԱԿԵՑՒՈՑ ՍԿԻԶԲԸ

Յովհաննէս կաթողիկոսի անունը տուած ատեն Ասողիկ կ՚աւելցնէ, թէ յաւուրս սորա երեւեցաւ Սմբատ, Թոնդրակաց առաջին, ի Զարեհաւանդ գեղջէ ի Ծաղկոտն գաւառէ, հակառակ ամենայն քրիստոնէական կարգաց (ԱՍՈ. 147): Իսկ Մագիստրոս կը գրէ, թէ պիղծն Սմբատ անիծեալն այն երեւեցաւ յաւուրս տեառն Յովհաննիսի եւ Սմբատայ Բագրատունւոյ (ՄԱԳ. 153): Մագիստրոսի խօսքերը կրնան անխտիր իմացուիլ թէ Յովհաննէս Ովայեցիի ու Սմբատ Խոստովանողի, եւ թէ Յովհաննէս Դրասխանակերտացիի ու Սմբատ Նահատակի վրայ, մինչ Ասողիկ աւելի շեշտակի այդ երկրորդ իմաստը կը թելադրէ: Մագիստրոս Սմբատի երեւումը իր ժամանակէն, այսինքն շուրջ 1050-էն, 170 տարի առաջ տանելով (ՄԱԳ. 154), 880-ին ատենները դրած կ՚ըլլայ Սմբատի սկզբնաւորութիւնը, մինչ Ովայեցիին ժամանակը 855-ին կը վերջանայ, եւ Դրասխանակերտացին 897-ին կը սկսի, եւ աւելի բնական է հետագային հետ կապել ծագման սկիզբը, քան թէ իբր 30 տարի առաջ վախճանած կաթողիկոսին եւ իշխանաւորին անունին հետ, ինչպէս սովորաբար կը կրկնուի այժմ (ՉԱՄ. Բ. 884): Մագիստրոս ուրիշ տեղ ալ Թոնդրակեցիներուն դէմ երեքտասան քահանայապետք Հայոց Մեծաց բողոքեցին կ՚ըսէ (ՄԱԳ. 167), սակայն անուններ չտալուն, յայտնի չ՚ըլլար թէ Ովայեցիէն մինչ Խաչիկ նստող 15 կաթողիկոսներէն որո՞ւն կ՚ուզէ ակնարկել: Ամէն առթի մէջ անհաւանական չէ, ժամանակագրական նկատել Ասողիկի տուած տեղեկութիւնը: Ինչ ալ ըլլայ ճիշդ թուականը, Սմբատ Զարեհաւանցին, իր վարդապետութիւնը քաղած կ՚ըսուի Մրջուսիկ անուն պարսիկ բժիշկէ եւ աստեղաբաշխ մոգէ մը (ՄԱԳ. 153): Հաւանական չէ որ այդ ուսումը ստացած ըլլայ իր հայրենական Ծաղկոտն, այժմ Տիատին գաւառին մէջ, եւ պէտք է ըսել թէ Պարսկաստան պանդխտած եւ այնտեղ հին մազդեզական դենին մնացորդներուն մէջ ապրած է: Սակայն ամբողջական մազդեզականութեան հիման վրայ չէր հաստատուած Սմբատի կազմած աղանդը, նա շատ մը քրիստոնէութեան նմանութիւններ ունէր: Միւս կողմէն արտաքին պաշտամանց անարգութիւնը, խստակրօն կենաց ձեւակերպութիւնը, եւ բռնական միջոցներու կիրառութիւնը, կը յիշեցնեն քիչ առաջ ընկճուած Պաւղիկեանները 617), որք Օձնեցիի ժամանակ ալ զայրացած էին 566) եւ որք յետս յետս դիմելով կ՚երթան միանալ հինգերորդ դարու Մծղեաներուն 229) կամ Բորբորիտոններուն հետ 207): Պէտք է ուրեմն հետեւցնել, թէ Սմբատ Պարսկաստանի մէջ միտքը մոլորած, եւ իր համոզմամբ ձեռնարկի մը բորբոքը զգացած, իր գլուխը հաւաքեց հին Պաւղիկեաններէ աստ եւ անդ գտնուող մնացորդները, որոնցմէ էր թերեւս ինքն ալ, եւ այնպէս գլուխ կանգնեցաւ նորոգ կազմակերպեալ աղանդի մը: Օգուտ քաղելով երկրին անգլուխ եւ անիշխան կացութենէն, կրցաւ մէկ մոռցուած անկիւն մը, Հարք գաւառի Թոնդրակ գիւղը իրեն կեդրոն ընել, եւ աշակերտներ շատցնել. եւ այսպէս հետզհետէ գործօն դերեր կրցան ստանձնել իր յաջորդները: Սմբատի համար կ՚ըսուի, թէ առանց քահանայութեան, կերպիւ քահանայի կը գործէր, նստէր իբրեւ քահանայապետ, բայց ուրիշ պաշտօնեաներ ձեռնադրելէ կը խորշէր, այդ արարողութիւնները իբրեւ սնոտի վարկանել ուսուցանելով (ՄԱԳ. 154): Յովհաննէս Պատմաբան իր գիրքին մէջ բնաւ այդ մասին յիշատակութիւն չունի, ինչ որ գործին աննշանակ մնացած ըլլալուն ապացոյցն է, թէ ոչ եթէ իր ժամանակ սկսած ըլլար, կամ եթէ իրմէ քիչ առաջ Ովայեցիին օրով սկսած ըլլար, պէտք էր Յովհաննէսի պէս կաթողիկոսի մը մտադրութիւնը հրաւիրած ըլլար: Սմբատ Զարեհաւանցիին սկզբնաւորած եւ Թոնդրակեցւոց կոչուած աղանդը` հետզհետէ աճեցաւ անոր յաջորդներուն ձեռքով, որոնց անունները կու տայ Մագիստրոս թէ էին Թոդորոս, Անանէ, Արքայ, Սարգիս, Կիւրեղ, Յեսու (ՄԱԳ. 154), եւ անկէ ետքը Ղազար, որ իր օրով աղանդապետն էր (ՄԱԳ. 166): Առ այժմ այսչափ ինչ յիշատակելնիս բաւական ըլլայ, հետագայ դէպքերը իրենց կարգին պիտի պատմուի: