Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԹԷՈԴՈՐՈՍ Ա. ՌՇՏՈՒՆԻ

740. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Թէոդորոսի անձին, ընտրութեան պայմաններուն, եւ Ռշտունի կոչման մասին պիտի կրկնենք, ինչ որ արդէն Ստեփանոսի համար ըսինք 737): Սա ալ Վասպուրականի եպիսկոպոսներէն եւ Վասպուրականի թագաւորին նախաձեռնութեամբ հաստատուած կաթողիկոս մըն է, իրեն հայրապետանոց ունենալով Աղթամարայ կաթողիկէն, ինչ որ յայտնապէս ալ կը քաղուի Անեցիէն, որ կը գրէ ի յԱղթամար տէր Թէոդորոս թաղած է յԱստուածածնի ժամատան (ՍԱՄ. 99): Միայն թէ Թէոդորոսի կաթողիկոսութիւնը վաղանցուկ եղած չէ Ստեփանոսի նման, այլ ամէն ցուցակագիրներ համաձայնութեամբ 11 տարի պաշտօնավարութիւն կը վերագրեն, եւ մենք ալ պատճառ մը չունինք այդ տեւողութիւնը փոփոխելու, որով Թէոդորոսի հայրապետութեան միջոցը կը գրաւէ 930-էն 941 տարիները: Ամիրապետութիւնը այդ միջոցին բոլորովին իր նշանակութիւնը կորսնցուցած էր, ամէն ձեռներէց զօրավար գաւառի մը իշխանութիւնը սեփականած էր, Պաղտատ միայն կը մնար ամիրապետին, այնտեղ ալ Էմիրիւլիւմէրա անուամբ հաստատուած պաշտօնեաներ, ամիրապետը իր կանանոցին մէջ փակած, աղիկամի գործերը կը վարէին, եւ Ուրբաթի աղօթքներուն կը նախագահէին (ՎԵՐ. 460): Ասով ալ ամիրապետներ տեւական կեանք չունէին. Քահէր-Պիլլահ 738) տարիուկէս ամիրապետի անունը պահելէ ետքը կուրցուելով բանտարկուեցաւ 934-ին, եւ բանտէ ելլելով մուրացիկ ապրեցաւ (ՎԵՐ. 459): Ապուլ-Ապպաս` Մըքթատիի որդին 934-է 940 անուանական իշխանութիւն վարեց Ռատի-Պիլլահ անունով, եւ ջրգողութեամբ մեռաւ: Իրեն տեղը անցաւ Իպրահիմ Ապու-Իսաք, Մութթաքի-Պիլլահ անունով, եւ չորս տարիէ ան ալ գահազուրկ եղաւ եւ կուրցուեցաւ: Տիրապետող իշխանութեան այդ կացութիւնը առիթ ընծայեց Հայերուն փոքրիշատէ ազատօրէն իրենց գործերուն մտադրութիւն դարձնել, մանաւանդ որ Ատրպատականի հզօր ոստիկաններն ալ տկարացած կ՚երեւին Պարսիկ իշխաններուն զօրանալովը: Բիւզանդական կայսրութեան մէջ, բոլոր այդ միջոցին կ՚իշխէր Ռոմանոս Ա. Լեկաբենոս 720), որ բաւական երկար իշխանութիւն ալ ունեցաւ մինչեւ 944: Ռոմանոս օգտուեցաւ Արաբացւոց շփոթութիւններէն իր սահմանները ընդարձակելու, եւ իրեն նպաստեցին Յովհաննէս եւ Թէոփիլէ Գուրգէն կամ Գուրգուաս, երկու հայ եղբայրներ, որոնք քսան տարիի չափ Յունաց գունդերուն հրամայեցին Ասիոյ մէջ, եւ նշանաւոր յաղթութիւններ տարին Արաբաց վրայ, հազարի չափ քաղաքներ եւ բերդեր անոնց ձեռքէն (ԼՊԱ. 509), եւ մինչեւ Վան յառաջացնելով իրենց արշաւանքները (ԼՊԱ. 508): Արդէն գիտենք թէ ոչ միայն Փոքր-Հայք, այլեւ Մեծ-Հայքի մի մասը յունական կայսրութեան կը հպատակէր, եւ գլխաւորապէս հին Ծոփքը` Չորրորդ-Հայք եղած էր, իբր շարունակութիւն Փոքր-Հայքի` Առաջին եւ Երկրորդ եւ Երրորդ Հայք կոչուած հայաբնակ նահանգներուն: Այդ նահանգներուն սահմանները շարունակ փոփոխական կացութիւն ունէին, համաձայն մէկ կամ միւս կողմէ եղած յարձակումներուն յաջողութեան, որք նոր զարկ առած էին Ռոմանոսի ժամանակ Յոյներուն ի նպաստ: Այս սահմաններէն անդին էին Աբասի եւ Գագիկի, կամ Բագրատունի եւ Արծրունի, կամ Արարատի եւ Վասպուրականի թագաւորութեանց սահմանները, որոնք գրեթէ այս վերջին յիշուած նահանգներով կը սահմանափակուէին, եւ որք ազատութիւն կը վայելէին կամաւոր հարկերով կամ ընծայաբերութիւններով պաշտպանուած:

741. ԱԲԱՍ ԵՒ ԲԷՐ

Աբասի թագաւորութեան ընդհանուր նկարագիրը յաջող եւ շինարար եղաւ: Իրեն կեդրոն ընտրեց Վանանդ գաւառը, եւ Կարս քաղաքը սկսաւ ամրացնել բերդերով եւ պայծառացնել պալատով եւ կաթողիկէով: Կ՚երեւի թէ իր հօրեղբօր Աբաս սպարապետի ժամանակէն 685), Կարս սպարապետներու կեդրոնն էր եղած, եւ անգամ մը այն տեղ հաստատուած եւ տեղը սիրած լինելով, տեղը փոփոխել չէ ուզած: Աբասի յաջողութեան նպաստաւոր պարագայ մը եղաւ իր հօրեղբօրորդւոյն Աշոտ Շապուհեանի մահը, որ առաջ Դուինի, իսկ վերջերը Բագարանի մէջ կը նստէր իբր ինքնագլուխ թագաւոր 732), թէպէտ յոյժ հանդարտած վիճակի մէջ: Աշոտ յաջորդութեան թեկնածու չունեցաւ, եւ այսպէս սպառեցաւ Հայ թագաւորութիւններուն մէկ ճիւղը. եւ Աբասի իշխանութիւնը աւելի տարածուեցաւ իր սահմաններուն մէջ: Սիւնեաց իշխաններն ալ դիւրաւ ընդունեցան Աբասի գերագահութիւնը, որուն նշանակ կը համարինք նոյն ինքն Աբասի անունին` Սիւնեաց իշխանին անունին կից նշանակուիլը (ՕՐԲ. Ա. 304): Աբաս իր դիրքը կանոնաւորելէն ետքը ձեռնարկեց առջեւն առնուլ Ափխազներու, Վրացիներու եւ Սարմատացիներու եւ ուրիշ Կովկասաբնակ աւազակաբարոյ ազգերուն կողմէն շարունակուող ասպատակներուն, որոնք Հայոց ներքին գժտութիւններէն եւ տկարութիւններէն քաջալերուած, շարունակ Հայ գաւառները կ՚իջնէին եւ աւերելով աւարելով իրենց լեռները կը դառնային: Այն ժամանակներ այդ գունդերուն գլխաւոր հրամանատարն էր Ափխազներու Բէր թագաւորը, որ Բէլապէս ամբարտաւանութեամբ պատգամ ալ կը ղրկէր Աբասին, որ չկանխէ Կարսի մէջ շինած կաթողիկէին նաւակատիքը փութացնել, վասն զի ինքն պիտի գայ կատարել քաղկեդոնական սահմանաւն: Աբաս իր իշխանական եւ կրօնական զգացումներուն մէջ վիրաւորուած, Հայ գունդերը կը միացնէ, ինքն ալ գլուխը անցած թշնամւոյն դէմ կը քալէ, Կուր գետի մօտ ճակատամարտը կը խառնուի, Հայերը կը զօրանան, ասպատակը կը ցրուի, եւ Բէր կը ձերբակալուի: Աբաս զայն շղթայակապ Կարս կը բերէ, եւ իր շինած կաթողիկէն ցուցնելով, տեսցես, կ՚ըսէ, զգեղեցկաշէն եկեղեցիդ, զի այլ ոչ տեսանելոց ես (ԱՍՈ. 159), եւ կը հրամայէ փորել զաչս նորա, եւ կուրացուցուած Բէրը ծանր փրկանքով իրեններուն կը դարձնէ, պայման կնքել տալով, որ այլեւս Հայաստան պիտի չյարձակին: Այսպէս Աբասի ձեռքով եղեւ խաղաղութիւն աշխարհիս Հայոց, զի եբարձ զխռովարար աւազակսն (ՍԱՄ. 99): Դիտողութեան արժանի կը նկատենք, որ Աբաս այդչափ յաջողութիւն ունենալէ, եւ արժանավայել կաթողիկէ եկեղեցի ալ կառուցանելէ ետքը, բնաւ հետամուտ չէ եղած` ոչ Հայոց կաթողիկոսը Վասպուրականէ Արարատ դարձնելու, եւ ոչ ալ մրցակից կաթողիկոսութիւն մը ստեղծելու իր թագաւորութեան մէջ: Այդ կէտը իբրեւ Աբասի խոհականութեան գերագոյն փաստ մը կը գտնենք մենք, որ չէ ուզած պատահական խնդիրներով տիրող համերաշխութիւնը վտանգել, եւ կատարեալ իրողութեան մը դէմ մաքառելով յուզումներ ստեղծել, որովհետեւ Գագիկ դիւրաւ պիտի չհաւանէր ձեռքէ հանել կաթողիկոսին իր հովանաւորութեան ներքեւ մտած ըլլալուն առաւելութիւնը:

742. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐ

Արծրունեաց պատմիչը կը գրէ, թէ իբր ամիրապետութեան սահմաններուն մէջ իւրաքանչիւր ոք զիւր միտս հաճէր, Նախիջեւանի Արաբացի ոստիկանն ալ կարծեաց ինքնագլուխ լինել, եւ Հայաստան յարձակելով, Գողթն ու Դուինը գրաւեց, եւ մինչեւ Արագածոտն հասաւ, որ է բաժին կալուածոց Աբասայ որդւոյ Սմբատայ: Աբաս որովհետեւ ոչ կարողանայր ի դիմի հարկանիլ, Գագիկը օգնութեան կը կանչէ, բայց յետոյ ինքնիրեն վերջացնել ուզելով, հպարտացեալ պատերազմի կը մտնէ, եւ որովհետեւ հմուտ պատերազմաց չէր, կը յաղթուի եւ Վրաստան կը փախչի: Գագիկ վրայ կը հասնի, Արաբացիին վրայ կը յարձակի Խորվիրապի մօտ, Գինոյ բլուրին ստորոտը, Լուսաւորչի յիշատակին օրը սահմի 10-ին (ԱՐԾ. 338), որ այն միջոցին պէտք էր իյնար Յունիս 16-ին: Պատերազմը կը վերջանայ Գագիկի յաղթութեամբ, ի վերին օգնականութենէ զօրացեալ, զի եւ սուրբ հայրապետն Հայոց մեծն Եղիսէ, Գինոյ բլուրին վրայ կ՚աղօթէր, ինչպէս Ներսէս մեծը Նպատի վրայ (ԱՐԾ. 339): Չենք գիտեր ինչպէս յարմարել այդ միջադէպը ընդհանուր պատմական հանգամանքներուն հետ: Պատմութիւնը մեզի կը վկայէ թէ Աբաս ոչ հպարտացեալ եւ ոչ պատերազմի անհմուտ մէկն էր, եւ երբեք փախուստ տալու պարտաւորուած չէ: Թերեւս շփոթուած է Աբասի յաշխարհ Վրաց երթալուն հետ, երբ եղբայրը Աշոտ թագաւոր ալ` Կոստանդնուպոլիս կ՚երթար (ԱՍՈ. 155), մանաւանդ որ Աբաս իբր թագաւոր ալ յիշուած չէ: Սակայն ամէն պարագային մէջ բնաւ պատմական հանգամանք չունի Եղիշէ կաթողիկոսի Գինոյ բլուրին վրայ աղօթելը, վասն զի Գագիկ Եղիշէի կաթողիկոսութենէն առաջ վախճանած էր արդէն: Հետեւապէս պատմութեան ներքին անկապակից պարագաներն իսկ` զայն նկատողութեան արժանի չեն ցուցներ. եւ մենք աւելի պնդել հարկ չենք սեպեր: Գագիկի մահուան համար ունեցած միակ տեղեկութիւննիս է, թէ 29 տարի թագաւորեց (ԱՍՈ. 273), որ սկսելով 908-էն 707), կը յանգի 937-ին, եւ այս է Գագիկի մահուան համար ընդունուած սովորական թուականը, Թէոդորոս կաթողիկոսի եօթներորդ տարին: Արծրունեաց թագաւորութիւնը, զոր Գագիկ հիմնած էր, շարունակեց իր սերունդին մէջ, իբրեւ անկախ թագաւորութիւն, եւ Գագիկի տեղ անցաւ իր երէց որդին Աշոտ Դերենիկ, որուն 17 տարի իշխանութիւն է տրուած, մինչեւ Հայոց 407 թիւը (ԱՍՈ. 273), ինչ որ կը հասնի մինչեւ 958, իսկ Գագիկի մահը եղած կ՚ըլլայ 941-ին: Այդ թուականներու անյարմարութեան մէջ հարկաւ գրութեան կամ ընդօրինակութեան սխալանք մը ենթադրուելով, ընդհանրապէս ընդունուած է 937-ին դնել Գագիկի մահը եւ Աշոտ Դերենիկի թագաւորութիւնը:

743. ԳԱԳԻԿԻ ԹՈՒՂԹԸ

Թղթոց Գիրքը, որ քաղկեդոնական խնդիրին շուրջը Հայոց բռնած ուղղութեան պաշտպանողական հաւաքածոն է, Վասպուրականի Գագիկ թագաւորէն գրուած նամակի մը պատճէնը կը պարունակէ, որուն մասին մեր պատմագիրներ բան մը գրած չունին, եւ թուղթն ալ իր մէջը անունի եւ թուականի ակնարկներ չունի, որ կարենայինք գրութեան ժամանակը, պարագաները, եւ գլխաւորապէս նպատակը ճշդել: Հաւաքածոն կազմողը, իբրեւ ուղղակի առ կայսրն Յունաց Ռոմանոս գրուած կը ցուցնէ, իսկ բուն հասցէն ուղղուած է հայրապետի, որ է գլուխ եպիսկոպոսաց Նոր Հռոմայ, եւ պատրիարքի յընդհանուրս: Կայսեր անուն չկայ. միայն մէջը ըսած է, թէ համարձակութիւն չունենալով առ ի գրել առ սուրբ եւ քրիստոսապսակեալ թագաւորն, հայրապետին կը գրէ, զընդունելութիւնն առ սուրբ հայրապետդ ապաստան ընելով: Մենք կը կարծենք թէ այդ գիրը 930-էն առաջ գրուած չէ, քանի որ Յովհաննէս կաթողիկոս այդպիսի պարագայ մը չի յիշեր. եւ ամենայն հաւանականութեամբ գրուած է այն միջոցին, երբ Հայազգի Գուրգէն կամ Գուրգուաս զօրավարներ, մինչեւ Տիգրիսի եզերքը հասան, եւ Գագիկի հետ ալ բանակցութեան մտնելով զայն յորդորեցին կայսեր հովանաւորութեան դիմել, եւ կրօնական մերձեցմամբ, գործը աւելի ամրացնել: Աւելցնենք եւս որ 930-ին Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք եղաւ Թէոփիլակտոս, նոյնիսկ Ռոմանոս կայսեր որդին, ինչ որ լաւագոյնս կը բացատրէ հայրապետին միջնորդութեան դիմելուն շարժառիթը: Գագիկ կը յայտարարէ թէ ատեն մը Հայեր Յոյներու հետ էին, ոչ միայն սիրողաբար հարկս հականէաք կայսեր, այլ եւ դաւանութեամբ ալ համաձայն էինք, այլ եւ առ սուրբ հաւատոյն միաւորութիւն խոստովանութեան հաղորդս եւ հաւասարս գտանէաք (ԹՂԹ. 295): Այդ միաւորութիւնը հաստատուն մնացած է երեք ժողովներուն ատենները, այլ վասն չորրորդ ժողովոյն, ոչ զմիաձայնութիւն յանձին ունին վարդապետքս Հայոց: Այդ տարաձայնութեան պատճառը իմանալու համար Գագիկ դիմած է Հայոց վարդապետներուն, եւ յառաջ կը բերէ անոնց ըսածները եւ ցուցուցած վկայութիւնները, որով չորրորդ ժողովը առջի երեքին հակառակ գտած են, ինչպէս նաեւ այն բացատրութիւններն ու վկայութիւնները, զորս անոնք կու տան` սրբասացութեան մէջ խաչեցար ալ երգելնուն մասին: Այդ վկայութիւնները առջեւ բերելով Յոյներուն տալիք պատասխանը կը խնդրէ, ոչ փորձողականս կամ վիճողականս խօսքեր ըսած ըլլալ կ՚ուզէ, այլ միայն հետամուտ է հնարաւորել, ի բաց բառնալ զկրճիմն որ կայ ի միջի, զցանկն քակել եւ միջնորմն յատակել, եւ զերկոսինն հաստատել ի մի նոր մարդ: Հարկաւ Գագիկի մտադրութիւնը քաղաքականէն կը սկսի, կրօնականը պիտի ըլլայ միջոց մը: Ասով մէկտեղ նա երբեք յանձնառու չէ բացարձակապէս Յոյներուն հնազանդիլ, այլ երկու կողմերը փոխադարձ զիջողութեամբ մօտեցնել, եւ երկուքէն մի նոր մարդ կազմել: Քանի որ այս էր Գագիկի նպատակը, ոչ Յոյները պատրաստ էին քայլ մը ետեւ առնել, եւ ոչ ալ Հայերը յօժարեցան քայլ մը առջեւ նետել, եւ Գագիկի թուղթը հետեւանք չունեցաւ (ՉԱՄ. Բ. 821), ինչ որ հարկաւ պատմութեանց մէջ չյիշուելուն ալ բուն պատճառն է:

744. ՄԱՀՆ ՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Թէոդորոս կաթողիկոսի պաշտօնավարութեան մասին աւելի տեղեկութիւն չունինք, իր ժամանակը պատկերացնելու համար ալ ուրիշ եղելութիւններ չկան որ յիշենք: Երկիրը հետզհետէ կը հանդարտէր, արտաքին թշնամիներու դժպհի գործունէութեան դադարելովը: Հարաւայիններ կամաց կամաց իրենք քաշուեցան, հիւսիսայինները Աբաս լռեցուց, ներքինները յոգնելով լռեցին, Աբաս եւ Գագիկ խոհական մտածումով իրենց մրցումները վերջացուցին, եւ այս կերպով նուիրագործուեցաւ նոր շրջան մը, որ եթէ կատարեալ բարօրութիւն չէր, բայց անցեալին վրայ մեծ առաւելութիւններ ունէր, եւ քիչ ու շատ արդիւնքներ ունեցաւ, եւ աւելին ալ կ՚ունենար եթէ միջոցներ նուազած չըլլային: Թէոդորոս կաթողիկոս բարեբախտ եղաւ իր անունը կցելով այդ շրջանին, եւ աւելի պիտի փառաւորէինք իր անունը` եթէ կարողութեան եւ արդիւնաւորութեան մասին որեւէ մէկ պատմագիրին կողմէ գոնէ թեթեւակի ակնարկ մը գտնէինք: Իր մահը եղած է հարկաւ բնական կերպով, եւ միայն գերեզմանին վրայ անցողակի յիշատակ մը ունինք, թէ թաղած է Աղթամարայ Սուրբ Խաչի կաթողիկէին քովը, յԱստուածածնի ժամատան, բայց չենք կարծեր եկեղեցւոյ մէջ, վասն զի այդպէս չէր Հայ Եկեղեցւոյ սովորութիւնը: