Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ա. ՄՈԿԱՑԻ

747. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Համեմատաբար անգործ կաթողիկոսներէ եւ գրեթէ դատարկ միջոցէ ետքը, նորէն դիմացնիս կ՚ելլէ հայրապետական շարքի փառաւոր կաթողիկոսներէն մէկը, որ կրցած է իր ժամանակին գերակշռութիւն մը տալ, եւ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան եւ պայծառութեան համար նշանակելի գործունէութիւն ցուցնել: Անանիայի Մոկացի ծագումը կը յայտնէ, թէ իր նախորդներուն ազգակցութենէն չէր, եւ առաջնորդ սուրբ ուխտին Վարագայ եղած ըլլալն ալ (ԱՍՈ. 157), ապացոյց է թէ նոյնիսկ Աղթամարի հայրապետանոցին մէջ եղողներէն չէր, եւ եթէ Վասպուրականի Աշոտ Դերենիկը դուրսէն մէկ մը հայրապետական աթոռ բարձրացուց, հարկաւ անոր արժանիքէն եւ արդիւնաւորութենէն յորդորուեցաւ կամ համոզուեցաւ: Հայրապետական ընտրութեանց մասին պարագաներով տեղեկութիւններ չունենալնուս, աւելի որոշ կերպով բան մը չենք կրնար ըսել: Ապագային մէջ Անանիայի` Արծրունեաց հովանաւորութենէն Բագրատունեաց հովանաւորութեան անցնիլը դիտելով, անհիմն միտք մը չենք կարծեր յայտնած ըլլալ եթէ ըսենք, թէ Անանիայի ընտրութեան մէջ Աբաս ալ մասնակցութիւն ունեցաւ, խոհեմ եւ զգուշաւոր կերպով հայրապետութիւնը նորէն կեդրոնական տեղ մը դարձնելու նպատակով: Անանիայի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը ամէն պատմիչներէ եւ գաւազանակիրներէ 22 տարի նշանակուած է առանց բացառութեան, եւ պատճառ մը չկայ որ մենք ալ այդ հաշիւէն շեղինք, ուստի 946-ին դնելով անոր ընտրութիւնը, Եղիշէի մահուընէ անմիջապէս ետքը, վախճանը կը հասնի 968-ին: Իր օրով 954-ին պէտք էր վերջացնել Դերենիկը 17 տարիները, 937-էն սկսելով անոր թագաւորութիւնը 742), սակայն Ասողիկ մինչեւ Հայոց 407, այսինքն մինչեւ 958 կամ 959 կ՚երկարէ անոր մահը (ԱՍՈ. 273), եւ Օրբելեան ալ նոյն 407 թուականին կը դնէ Գագիկ Արծրունիի մահը (ՕՐԲ. Բ. 29), զոր պէտք է Գագիկի որդի Դերենիկի վրայ իմանալ, եւ այդ երկու համաձայն վկայութիւնները կը յորդորեն, Դերենիկի մահը քանի մը տարիով յետաձգել: Իսկ եթէ ուզուի Դերենիկի 17 տարիները պինդ բռնել, հարկ կ՚ըլլայ Գագիկի մահը 937-էն 941 յետաձգել: Աբուսահլ Համազասպ, եղբօրը` Աշոտ Դերենիկի յաջորդելով` բաւական երկար թագաւորած է, մինչեւ Անանիայի եւ Վահանի մահը: Բագրատունեաց թագաւորութեան մէջ Անանիա ժամանակակից եղաւ Աբասի տասնամեայի մը չափ, մինչեւ 955, երբ վերջացան Աբասի 24 տարիները, եւ իրեն յաջորդեց որդին Աշոտ Գ. Ողորմած մականուանեալ, որ շատ երկար ապրեցաւ:

748. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Անանիայի հայրապետութեան ժամանակը, ամիրապետութեան հետ բաղդատուելով, զոյգ կ՚ընթանայ Մօթի-Պիլլահի ժամանակին, որ 28 տարի ամիրապետութեան անունը կրեց, մէկ գրագիրով եւ համեստ թոշակով պալատին մէկ անկիւնը քաշուած, մինչ բուն իշխանութիւն վարողներն էին Էմիրիւլիւմէրա փոխարքաները` Մսիզ եւ որդին Ազէտ-Տէվլէթ: Հետզհետէ ամիրապետութեան նշանակութիւնն ալ կը կորսուէր, վասնզի Մսիզ-Լէտին-Ալլահ, Ֆաթիմեանց իշխանապետը, Եգիպտոսն ու Արաբիան կը գրաւէր, եւ խալիֆա եւ ամիրապետ կը հռչակուէր 968-ին, Անանիայի վերջին օրերը: Իսկ յունական կայսրութեան մէջ Կոստանդին Է., որ կրկին բարձրացած էր 746), մինչեւ 959 իշխեց, եւ մեռաւ իր զաւակէն թունաւորուելով, որ Ռոմանոս Բ. անունով հօրը յաջորդեց, եւ հազիւ 4 տարի զեղխութեանց մէջ ատեն անցընելէ ետքը, ինքն ալ մեռաւ 963-ին, թունաւորուելով իր ամուսին Թէոփանէ դշխոյէն, որ Նիկեփորոս Փոկաս զօրավարին հետ ամուսնանալով զայն կայսրութեան բարձրացուց: Թէոփանէ Նիկեփորոսէ ալ պաղելով Յովհաննէս Չմշկիկ զօրավարին հետ միացաւ, եւ Նիկեփորոսը սպաննել ու Չմշկիկը կայսր հռչակել տուաւ 969-ին, Անանիայի մեռնելէն քիչ ետքը: Չմշկիկ` Թէոփիլէ Գուրգէնին թոռն էր 740), Նիկեփորոս ալ Վարդ պատրիկի որդին էր, երկուքն ալ Հայազգի քաջ զօրավարներ, որք կայսրութենէ առաջ եւ ետքը նշանաւոր յաղթութիւններ տարին Արաբացւոց վրայ, եւ կայսրութեան սահմանները ընդարձակեցին Փոքր-Ասիոյ եւ Ասորիքի եւ Միջագետքի, մասամբ ալ Հայաստանի մէջ, որք մեր նիւթէն դուրս կը մնան: Այսչափ ինչ բաւական ըլլայ Անանիայի ժամանակին քաղաքական կացութիւնը ցուցնելու համար:

749. ԱԹՈՌԻՆ ՏԵՂԸ

Անանիայի անունը միշտ գովութեամբ յիշուած է ամէն պատմիչներէ, իբրեւ անձ մը ամեներջանիկ սրբութեամբ գերապատուեալ, եւ բարեշնորհ իւրոց վիճակելոցն (ԱՍՈ. 159): Իր գործունէութիւնը կանոնաւոր պատմող մը ունեցած չէ, եւ մեզ հարկ կ՚ըլլայ ցրիւ յիշատակները քովէ քով բերելով, հնարաւորութեան չափին մէջ, անոր պատմութիւնը կազմել: Առաջին կէտը զոր պէտք է նկատի առնենք աթոռին տեղափոխութիւնն է: Անեցին բացարձակ կերպով կը գրէ, թէ իր 22 տարիներէն, հինգ ամ յԱղթամար եւ եօթնեւտասն ամ ի Վարագ եկաց (ՍԱՄ. 100) բայց դժուար է այսպէս բաժնել Անանիայի պաշտօնավարութիւնը: Մենք տեսանք որ 946-էն առաջ հնար չէ դնել անոր ընտրութիւնը 747) , եւ Հայոց 598-ին, այսինքն 949-ին արդէն նա Սիւնիք եկած էր, Յակոբ եպիսկոպոսի խնդիրը կարգադրելու (ՕՐԲ. Բ. 26), եւ եթէ թուատառի փոփոխութիւն ալ ենթադրենք, միշտ 5 տարի Աղթամար մնացած ըլլալու միջոց չի մնար, եւ բնաւ չ՚արդարանար 17 տարի ալ Վարագ նստած ըլլալու խօսքը, բայց եթէ կաթողիկոսութենէ առաջ 17 տարի Վարագ առաջնորդութեան մէջ մնացած ըսելով, թէպէտ այս չէ Անեցիին միտքը: Արդ Անանիայի ընտրութեան եւ Սիւնեաց խնդիրին թուականները մերձեցնելով, պէտք է ըսել, թէ հիւսիսային գաւառներու մէջ ծագած խնդիրները հանդարտելու, եւ հայրապետական աթոռին բռնաբարեալ իրաւունքները պաշտպանելու համար, Անանիա անմիջապէս պէտք զգաց անձամբ այդ կողմերը երթալ, եւ Աղթամարի առանձնութիւնը թողլով, որ կաթողիկոսարանի ազդեցութեան կորսուելուն գլխաւոր պատճառն էր, եւ թերեւս քիչ մը ատեն ալ իր սիրեցեալ Վարագը մնալէ յետոյ, եկաւ Կարս, Աբաս թագաւորի մօտը: Այնտեղէն սկսաւ նախ թղթակցելով գործին լուծումը հոգալ, եւ միանգամայն պէտք եղած նախապատրաստութիւնները կատարել, իշխաններու եւ ազդեցիկ անձերու տրամադրութինները պատրաստել, եւ այնպէս գործին ամենայն զօրութեամբ ձեռնամուխ ըլլալ: Գալով յուզուած խնդիրին իսկութիւնն ալ բացատրելու մասին, լիագոյն կը գտնենք Օրբելեանի պատմութիւնը, որ ինքն ալ Սիւնեաց եպիսկոպոս ըլլալով, գործին մասին աւելի տեղեկութիւններ եւ յիշատակներ ունէր, եւ աւելի ընդարձակ ալ կը գրէ Ապստամբութիւն Յակոբայ մակագրած գլուխին մէջ: Միայն թէ ինքը կը ջանայ միշտ թեթեւցնել իր նախորդներէն Յակոբի ըրածները, մինչ ուրիշ պատմիչներ ծանր կերպով կը մեղադրեն Յակոբի ընթացքը, եւ շատ մանրամասնութեանց ալ չեն մտներ:

750. ՍԻՒՆԵԱՑ ԽՆԴԻՐԸ

Արդ, Օրբելեանի պատմութեան համաձայն, Յակոբ եպիսկոպոս, Յովհաննէս կաթողիկոսի ազգականներէն, եւ նոյն կաթողիկոսէն Սիւնեաց մետրապոլտական աթոռին վրայ ձեռնադրուած 735), իրեն շեղելուն թելադրութիւնը ստացաւ Աղուանից Սահակ կաթողիկոսէն, որուն հետ հոգեւորական սիրոյ կապակցութեամբ յարակցեալ էր եւ երկուքն ալ էին միմեանց համախոհ եւ յոյժ մերձաւոր (ՕՐԲ. Բ. 17): Շատոնց ծանօթ էր Աղուանից աթոռին հակամիտութիւնը, որ Հայոց հայրապետութեան հետ ունեցած կապակցութիւնը խզէ, եւ ինքնագլուխ կաթողիկոս ըլլայ, եւ ոչ թէ Հայոց աթոռին ներքեւ` իբրեւ լոկ արքեպիսկոպոսութիւն սեպուի 431): Հայաստանի շփոթ եւ ընկճեալ վիճակը եւ կաթողիկոսներուն տարտամ եւ թափառական աստանդականութիւնը, եւ իրենց ազդեցութեան նուազիլը, նոր պատեհ ընծայեցին Աղուաններուն իրենց հնամենի ջանքը վերսկսելու, եւ Սահակ Աղուանից կաթողիկոս նորէն ոյժ տուաւ այդ նպատակին: Որպէս զի աւելի զօրաւոր ընէ իր գործը, իրեն օգնականներ ալ սկսաւ որսալ, եւ Հայաստանի հիւսիսային կողմերը իր ազդեցութեան ներքեւ առնել, եւ ինքն անոնց միւռոն բաշխել եւ ձեռնադրութիւններ ընել, քանի որ Հայոց կաթողիկոսներուն ալ թափառական կեանքը, եւ վերջի ատեններ Աղթամար քաշուիլը` բարեպատեհ առիթ կ՚ընծայէին իրեն: Միւս կողմէն այդ կողմի իշխանները, ամէնքն ալ Բագրատունի սերունդէ, չէին սիրեր անուղղակի կերպով Արծրունի իշխաններու ազդեցութեան ներքեւ ըլլալ, որոնց հովանաւորութեան ենթարկեալ էին Աղթամար նստող վերջին կաթողիկոսները: Յակոբ Սիւնեաց եպիսկոպոս, որ 918-էն ի վեր ձեռնադրուած էր, եւ շատ օգտակար շինութիւններով եւ կալուածներով Սիւնեաց վանքերը պայծառացուցած էր իշխաններու եւ տիկիններու բարեպաշտութիւնները քաջալերելով, ըստ ամենայնի վաստակուած էր Աղուանից կողմը, անկէ կ՚առնէր միւռոնը, անոր կը դիմէր ձեռնադրութեանց համար: Օրբելեան վերոյիշեալ պարագաները յառաջ կը բերէ իր նախորդին ընթացքը արդարացնելու համար: Զի կաթողիկոսքն Հայոց, կ՚ըսէ, հեռացեալ էին յայնմ ժամանակի, զի վասն հանապազորդեան հինահարութեանցն Իսմայէլացւոց` թողեալ էին զաթոռն որ ի Դուին եւ շրջէին այսր անդր: Եւ կը յաւելու թէ, Յակոբ վասն հեռաւորութեանց ոչ կարէր ամ յամէ երթալ առ կաթողիկոսն Հայոց եւ առնուլ միւռոն, ապա հարկ եղեւ խնդրել զմիւռոն ի կաթողիկոսէն Աղուանից (ՕՐԲ. Բ. 18): Այստեղ պէտք է դիտել թէ միւռոն առնելու համար, ամ յամէ երթալ առ կաթողիկոսն բացատրութիւնը, եւ աւելի ստորեւ ալ մեղադրանքը` թէ բազում ամք են Յակոբայ զի ոչ եկն ի սուրբ Գրիգորի յաթոռն, լռելեայն կ՚իմացնեն, թէ Հայոց եպիսկոպոսներ պարտաւոր էին իւրաքանչիւր տարի, կամ գոնէ ստէպ ստէպ կաթողիկոսին մօտ երթալ, թէ իբր հպատակութեան նշանակ, եւ թէ իբր յարաբերութեանց դիւրութիւն, եւ այս առթիւ իրենց պէտք եղած միւռոնն ալ ստանալ: Յակոբի ընթացքին դառնալով, մենք ալ դիտել տուինք թէ Յովհաննէսի շարունակ թափառական կեանքը, եւ Ստեփանոսի ու Թէոդորոսի ու Եղիշէի քաշուած դիրքը, ձախող պարագաներ էին յարաբերութեանց պահպանութեան համար: Օրբելեան յայտնապէս կ՚ըսէ թէ Աղուանից խզումը սկսած էր ի վախճանէն Գէորգեայ կաթողիկոսին, եւ կը տեւէր յաւուրս հինգ կաթողիկոսաց, որք են մեր յիշած չորսերը եւ Մաշտոց (ՕՐԲ. Բ. 19):

751. ԱՆԱՆԻԱ ԵՒ ՅԱԿՈԲ

Անանիա Կաթողիկոս գործը ձեռք առած ատեն, պարտաւոր էր հեռաւորութեան պատճառանքը մէջտեղէն հեռացնել, եւ ահա թէ ինչու իր առաջին գործը կ՚ըլլար, Արարատի թագաւորութեան սահմանները անցնիլ: Աբասը Կարսի մէջ տեսնելէ ետքը` իրեն բնակելու համար կեդրոն ընտրեց Արգինա գիւղը, Ախուրեանի եզերքը եւ Անիի մօտ, ուր յետոյ եղաւ իր գերեզմանը (ՕՐԲ. Բ. 32), ուր նստեցան իր յաջորդները եւ ուր կանուխէն ալ նշանաւոր վանք մը կար: Անանիա, հարկաւ այստեղէն, նուիրակներ ղրկելով իրեն մօտ հրաւիրեց Սահակ Աղուանից կաթողիկոսը եւ Յակոբ Սիւնեաց եպիսկոպոսը որպէսզի սիրայորդոր բանակցութեամբ խնդիրը փակէ, այլ անոնք տեղերնէն չշարժուեցան, եւ բաղբաղեցին զգնալն: Օրբելեան ալ չի կրնար Յակոբը անմեղադիր ընել, եւ կ՚ընդունի թէ ինքնեան հաւանեալ հպարտացաւ սակաւիկ մի, վասն զի էր այր անձնեայ եւ սէգ, բարձրայօն եւ մեծաբարոյ, բնութեամբ ազատ եւ բանիւ ճոխ, հանճարով պայծառ եւ շրթամբք յոյժ քաղցր (ՕՐԲ. Բ. 18): Անանիա այդ դիմադրութեան հանդէպ սաստիկ ցասմամբ շարժեալ, անմիջապէս որոշեց անձամբ Սիւնիք երթալ, որ Յակոբ կամ հնազանդեսցի, կամ մեծագոյն պատիժս ընկալցի, եւ ինքն ալ Սիւնեաց գործը վերջացնելէն ետքը Աղուանք անցնի: Անանիայի կտրուկ եւ գործունեայ ձեռնարկը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ: Սիսականի Սմբատ եւ Բաղաց Ջուանշիր իշխանները կաթողիկոսը դիմաւորելով Տաթեւ տարին պատուով, Յակոբ ալ խոնարհելով զմեղայ խոստովանէր, եւ ներում կը խնդրէր ըսելով, Ով մեծապատիւ տէր կաթողիկոս, որովհետեւ աստուածաբար ի մեզ խոնարհեցար, եւ զմեր յանդգնութիւնս անտես արարեր, հնազանդիմք ձեզ եւ սուրբ աթոռոյն Գրիգորի Լուսաւորչին իբրեւ Աստուծոյ, մեղաք յերկինս եւ առաջի քո, եւ դու ներելով թող մեզ զյանցանս մեր (ՕՐԲ. Բ. 19): Անանիա աւելի պահանջ չունէր, գոհ մնաց եւ օրհնեց, իսկ Աղուանք երթալու միտքը չկրցաւ կատարել, վասնզի թագուհին վախճանած էր: Աբաս գուժկան ղրկելով կաթողիկոսը յուղարկաւորութեան կը հրաւիրէր. եւ Անանիա պարտաւորուեցաւ ետ դառնալ յաթոռն իւր (ՕՐԲ. Բ. 20), ինչ որ Աղթամարէ վերջնապէս հեռացած ըլլալուն հաստատութիւնն է:

752. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԽՆԴԻՐԸ

Երբ Անանիա Սիւնեաց գործը լրացուց, եւ Աղուանիցն ալ նոյն միջոցով դիւրացած կը կարծէր, լուր կ՚առնէ թէ խնդիրը իր առաջին վիճակին դարձած է: Աղուանից Սահակ կաթողիկոս կը մեռնի, Աղուանք անոր տեղը իրենց մէջ եւ անկատար օծմամբ կը ձեռնադրեն Գագիկը, որ էր հարազատ նորին, Յակոբ ալ անոնց կը գործակցի, եւ չտայ թոյլ հնազանդիլ Աղուանից: Անանիա կը փութայ Աղուաններուն գրել` որ հեռու մնան յանուանեալ եւ ի նանրափառ կաթողիկոսէն Գագկայ: Աղուանից մէջէն մաս մը կը հնազանդի, եւ Յովնան անուն մէկը կաթողիկոս ընտրելով Անանիայի կը ներկայէ` որ զայն կը ձեռնադրէ եւ կը ղրկէ: Ասկէ ոչ սակաւ լինէր խռովութիւն ի մէջ երկոցունցն Գագկայ եւ Յովնանու, բայց այս վերջինս ալ ընտիր անձ մը չէր հանդիսանար, եւ երկոքինքն խոտեալ լինէին (ՕՐԲ. Բ. 21): Անանիա պէտք կը զգայ ետ մնացած միտքը գործադրել, եւ շուտով դէպի Աղուանք կը մեկնի. Գրիգոր Խաչենոյ իշխանը զինքն կը դիմաւորէ, եւ Արգախ կոչուած տեղը ընդհանուր ժողով մը կը կազմուի, ուր կու գան Գագիկ եւ Յովնան, եւ բոլոր իշխաններ, եպիսկոպոսներ եւ վանականներ: Հին յիշատակարաններ եւ Աղուանից ու Հայոց յարաբերութիւններ կը քննուին: Անանիայի պահանջած պայմանները կը հաստատուին, Գագիկ ալ Յովնան ալ հաւասարապէս անարժան նկատուելով, պաշտօնէն ու պատիւէն կը լուծուին, իսկ յաջորդին մասին Աղուանք ատեն կը խնդրեն ընտրութիւնը կատարելու եւ ձեռնադրութեան ղրկելու: Գրիգոր Խաչենոյ իշխանը կը միջնորդէ Գագիկի համար, բայց Անանիա կը մերժէ յայտարարելով, թէ կրկին ծնեալն վիժեալ լինի, եւ կրկին պսակեալն անվաւեր կոչեսցի (ՕՐԲ. Բ. 25):

753. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԱԹՈՌ

Օրբելեան հին յիշատակարաններու վրայ խօսած ատեն, Աղուանից եւ Հայոց յարաբերութիւնները կը քաղէ հետեւեալ կերպով: Գրիգորիս Աղուանից առաջին կաթողիկոսը, Ուռնայր թագաւորին խնդրանքով Գրիգոր Լուսաւորիչէ ձեռնադրուեցաւ, անկէ ետքը 440 տարի շարունակ եւ Հայոց 25 կաթողիկոսներու ժամանակ, միշտ Հայերէն ձեռնադրուեցան Աղուանից կաթողիկոսները, մինչեւ Աբրահամ Աղբաթանեցիի ժամանակը: Անկէ ետքը հակառակաթոռ Յովհան Բագարանցիի եւ ինն դասուց խնդիրներու ատեն, Կիւրիոն Վրաց կաթողիկոս վասն փառամոլ ախտին` Հայերէն զատուեցաւ եւ քաղկեդոնիկ եղեւ: Ասոր վրայ Աղուանից կաթողիկոսն ալ պատճառելով պատճառս ինչ, ինքն ալ բաժանեալ ի բաց եկաց: Աբրահամ Աղբաթանեցիի եւ Յովհաննէս Բագարանցիի մեռնելէն ետքը, Աղուանք նորէն Հայերուն դարձան, եւ Կոմիտաս Աղցեցի իր երկրորդ տարին Աղուանից կաթողիկոս ձեռնադրեց, եւ այսպէս շարունակեց 85 տարի եւս, Հայոց 7 կաթողիկոսներու ժամանակ, մինչեւ Եղիա Արճիշեցին: Ասոր օրով Սպրամ Աղուանից տիկին, իւր մերձաւոր եւ սիրող Բակուրը կաթողիկոսացնել ուզելով` չի համարձակիր Հայոց ղրկել, եւ Պարտաւի մէջ ինքնագլուխ ձեռնադրել կուտայ զայն` Ներսէս անունով, որ ունէր ի ծածուկ զՔաղկեդոնին: Այս պատճառով Եղիա Աղուանք կ՚երթայ, եւ արքունի հրամանաւ Սպրամն ու Բակուրը իրարու կը կապէ ու կը խայտառակէ, եւ նոր կաթողիկոս կը ձեռնադրէ. եւ Աղուաններէն երդում եւ ձեռնարկ կ՚առնէ թէ մի' այլ եւս հեստեսցեն: Ըստ այսմ ալ կը շարունակուի 137 տարի եւս` Հայոց 14 կաթողիկոսներու ատեն, մինչեւ Գէորգ Գառնեցին: Բուղայի բռնութեան եւ Գէորգին գերութեան ատեն, Աղուանից կաթողիկոսը կը մեռնի, եւ Աղուանք միամտութիւն համարելով կաթողիկոս կը ձեռնադրեն Գէորգի դրան եպիսկոպոսներէն Յովնանը, որ այն տեղ փախած էր: Երբ Գէորգ գերութենէ կ՚ազատի Աղուանից Համամ թագաւորի ձեռքով, չ՚ուզեր ճանչնալ Յովնանի ձեռնադրութիւնը, բայց Համամի զղջում յայտնելուն եւ ներում հայցելուն վրայ, կրկին ձեռնադրէ զՅովնան: Անկէ ետքը ժամանակին դառնութեան եւ Հայոց կաթողիկոսներու մտադրութիւն չի դարձնելուն պատճառով, Աղուանք կը շարունակեն ինքնաձեռն եւ անձնիշխան եւ թերակատար օծմամբ կաթողիկոսներ ձեռնադրել, որ կ՚ըլլան Յովնանէ ետքը անոր եղբայրը Սիմէոն, ապա Դաւիթ, ապա Սահակ, եւ վերջէն Գագիկ, որ յիշուեցաւ, եւ այս ալ կը շարունակէ 69 տարիներու միջոց մը (ՕՐԲ. Բ. 22-25): Այդ տեղեկութեանց մէջ կաթողիկոսներու թիւերը կը համապատասխանեն մեր ցուցակին, վասն զի իրօք Աբրահամ 25-րդ է, Եղիա 33-րդ եւ Գէորգ 48-րդ. իսկ տարիներու հաշիւը չի յարմարիր, վասնզի 440 եւ 85 եւ 137 եւ 69 տարիները գումարելով կ՚ունենանք 731 տարի, ընդմիջումներն ալ չհաշուելով, եւ Գրիգորիսի 315-ին Լուսաւորիչէ ձեռնադրուելէն համրելով 71), կը հասնինք 1046 եւ աւելի ալ առջեւ: Անանիայի ժամանակը դարի մը չափ աւելի կանուխ է, թուատառերու սխալմունք մը անհրաժեշտ է ընդունիլ, իսկ զայն ճշդելու աշխատութիւնը աւելորդ կը սեպենք:

754. ՍԻՒՆԻՔ ԿԸ ՀԱՆԴԱՐՏԻ

Պատմութեան կարգին դառնալով, Անանիա զիջաւ Աղուանից խնդրանքին, իրենց միջոց տալով նոր ընտրութիւն ընել, եւ շիտակ Տաթեւ եկաւ Յակոբի գործը վերջացնելու: Յակոբ չհամարձակեցաւ ներկայանալ, եւ ոչ ալ վստահեցաւ զղջումով ազատիլ. ուստի փախաւ եւ Բաղաց բերդը ապաւինեցաւ Ջուանշիրի պաշտպանութեան ներքեւ: Անանիա յոլով թղթովք եւ պատգամաւորօք Յակոբը հնազանդութեան հրաւիրեց, բայց նա ընդդիմացաւ. Ջուանշիր Բաղաց իշխան եւ Սմբատ Սիսականի իշխան անոր կողմը բռնեցին, մինչեւ որ Անանիա պարտաւորուեցաւ ետ դառնալ, զի ձմեռնային էր ժամանակն: Բայց չմեկնած աւերեաց զտեղին եւ քանդեաց, որ է Տաթեւի եպիսկոպոսարանը, եւ չարաչար նզովիւք կապեալ կաշկանդեալ խառնեաց ի տոռունս կապանաց զիշխանն եւ զեպիսկոպոսն. այսինքն Ջուանշիրն ու Յակոբը: Օրբելեան այդ եղելութիւնը կը դնէ Հայոց 398 ձմեռին, այսինքն 950 թուականի տարեգլուխին ատենները: Յակոբի յայտնի ապստամբութիւնը Սիւնեաց իշխաններուն հովանաւորութեամբ` Աղուանից Գագիկն ալ քաջալերեց իր դիրքէն չհրաժարիլ, եւ այսպէս երկու աթոռներու դաշնակցեալ ըմբոստութիւնը տեւեց ութը ինը տարի եւս շարունակ (ՕՐԲ. Բ. 26), թէպէտ եւ Անանիա` միշտ թղթակցութեամբ աշխատեցաւ, բայց ոչ կարաց հաւանեցուցանել: Անանիա իր միջոցներուն ապարդիւնութեան վրայ սրտաբեկ, միայն աղօթիւք խնդրէր յԱստուծոյ զելս իրացն: Հայոց 407-ին, այսինքն 958-ին իրարու ետեւէն մեռան Յակոբ ու Գագիկ, եւ երկու կողմերուն իշխաններն ալ զգածուեցան, եւ յանձն առին նոր ձեռնադրութեանց համար Անանիայի դիմել: Երրորդ անգամ ըլլալով Անանիա Սիւնիք եկաւ 959-ին, հոգ տարաւ Տաթեւը վերանորոգել տալ. Ջուանշիր Բաղաց իշխանին մեղայն եւ Սմբատի որդի Վասակ Սիսականի իշխանին զղջումը ընդունելով` բանադրանքէն արձակեց: Կապանի մէջ մնաց միջոց մը խաղաղութիւն եւ համաձայնութիւն գոյացնելու համար, նոր ընտրութիւն կատարել տուաւ. եւ ամենուն հաւանութեամբ ընտրուեցաւ նոյնինքն Ջուանշիր իշխանին որդին Վահան, որ էր առաջնորդ մեծի ուխտին Վահանու վանից (ՕՐԲ. Բ. 28): Անանիա Վահանը կը ձեռնադրէ, բայց իբր նախընթաց ըմբոստութեան պատիժ` Սիւնեաց աթոռը կը զրկէ վայելած բացառիկ պատիւներէն, որք են խաչ զառաջեաւ, գաւազան մեծագին, եւ բազմական ոսկեթել (ՕՐԲ. Բ. 28): Այդ մասին հաւանագոյն է ինչ որ Սիւնեաց եպիսկոպոս մը կը պատմէ, քան թէ դուրսէն պատմագիրի մը ըսելը, թէ Անանիա Վահանի պատիւ տուաւ, եւ հրամայեց խաչ տանել առաջի առքեպիսկոպոսին Սիւնեաց` ուր եւ երթիցէ (ԿԻՐ. 49): Պէտք է ընդունիլ թէ բաւական միջոց մը անցուց Անանիա Սիւնիքի մէջ, զի Վահան Սիւնին, Անանիայի մահուան ատեն միայն 6 տարի եպիսկոպոսութիւն ըրած կը ցուցուի (ՕՐԲ. Բ. 32 եւ 247), ուստի հազիւ 962, առ առաւելն 961 թուականին տեղի ունեցած կ՚ըլլայ անոր ձեռնադրութիւնը: Յակոբի պաշտօնավարութեան տեւողութիւնն ալ 41 տարի ցուցուած է (ՕՐԲ. Բ. 247), որ 918-էն սկսելով կը հասնի 959-ին, եւ կը յարմարի մեր վերեւ տուած թուականին, որովհետեւ տեւողութիւններու հաշիւին մէջ լոկ սկսուած տարիներ ալ ամբողջ կը համրուին: Հայոց թուականն ալ Յունուարով չի սկսիր, իսկ այդ միջոցին Ապրիլի առաջին օրերուն կ՚իյնար: Անանիա Սիւնիքէն չմեկնած նոր եպիսկոպոս Վահանէն եւ Սիւնեաց իշխաններէն ձեռնարկ եւ վճիռ պայմանի կ՚առնէ, որ այլ ոչ եւս շեղեալ հեստեսցեն, եւ իշխաններ երդում կու տան, որ եթէ իրենց եպիսկոպոսներէն մէկը իշխեսցէ զՅակոբայ գործել` բնաւ չօգնեն, եւ փութապէս ի ձեռս տայցեն կաթողիկոսին Հայոց: Երդմնագիրին պատճէնը զանց կ՚ընէ Օրբելեան յառաջ բերել, ըսելով, թէ կան գրեալքն ի գիրս թղթոցն, զոր ժողովեալ է այն Անանիա, որ Հաւատոյ Նամակ անուանի (ՕՐԲ. Բ. 28): Եթէ Գիրք Թղթոցը միեւնոյն այդ անունով ճանչցուած գիրքն է 569), անոր գոյութիւնը Անանիայէ առաջ է: Իսկ այս խօսքով կը հաստատուի, թէ Գիրք Թղթոցը շարունակուող հաւաքածոյ մըն էր, եւ Անանիա ալ իր օրով պէտք եղածները անոր մէջ աւելցուցած է: Միայն թէ Սիւնեաց յայտարարութիւնը մեր ձեռքն եղող հաւաքածոյին մէջ չի գտնուիր:

755. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐ

Աղուանից աթոռն ալ դատարկ կը մնար, որովհետեւ Յովնան մերժուած ու հեռացած էր, իսկ Գագիկ ալ մեռած էր, եւ Անանիա Սիւնեաց աթոռին գործերը կարգադրելէն ետքը, կը փութայ եւ գնայ յԱղուանս, որպէս զի կարենայ հաստատել զնոցայն աթոռակալութիւն: Սակայն ընտրողական գործողութեանց վերջ տրուած չըլլալուն` կը պարտաւորուի մեկնիլ, Արծրունեաց արքունիքէն կոչուած ըլլալով մեռելաթաղի մը համար: Օրբելեան բոլորովին անիմանալի կերպով կը յիշատակէ այդ պարագան, թէ գուժկան հասանէ ի թագաւորէն Վասպուրականի եւ Արծրունի, Գրիգոր կոչեցեալ, եթէ վախճանեալ մնայ դին նորա քեզ (ՕՐԲ. Բ. 29): Եթէ թագաւորն է գուժկան ղրկողը, ինչպէ՞ս դին նորա կրնայ ըլլալ թաղուելիքը, իսկ եթէ թագաւորը չէ մեռնողը, ուրիշ մեռած մը յիշուած չէ: Դարձեալ Գրիգոր անուն Վասպուրականի թագաւոր մը չի ճանչցուիր այդ միջոցին, այսինքն շուրջ 962-ին, եւ Աբուսահլ Համազասպն էր որ 953-էն 969 Վասպուրականի գահին վրայ գտնուեցաւ: Եթէ չուզենք բոլորովին մտացածին կամ թիւրիմաց կերպով անգոյ պարագայ մը յիշուած ըսել, ինչ որ ենթադրելի չէ, վասն զի առանց անոր Անանիայի յանկարծական կերպով Աղուանից երկրէն մեկնիլը չի բացատրուիր, պիտի ըսենք թէ Գրիգոր անունը սխալմամբ գրուած է Աբուսահլի տեղ, եւ թէ մեռնողը թագուհին է, որուն թաղման կաթողիկոսի ներկայութեանը պէտք կը տեսնուի. եւ Անանիա ալ հարկ կը զգայ Աբուսահլին հրաւէրին երթալ. ինչպէս նոյն ինքն Օրբելեանի վկայութեամբ (ՕՐԲ. Բ. 20): Անանիա առաջին անգամ Աղուանք երթալէ արգելուած էր Աբասի թագուհիին յուղարկաւորութեան գտնուելու համար 751): Երկու պարագաները իրարու մօտեցնելով կրնանք հետեւցնել, թէ տեսակ մը արքունական պատուոյ նշանակ եղած պիտի ըլլայ, կաթողիկոսներուն անձամբ` թագակիրներուն յուղարկաւորութեան գտնուիլը: Իսկ թէ ինչ կերպով դիակը անթաղ կը պահուէր, մինչեւ որ սուրհանդակը Վասպուրականէ Աղուանք երթար, եւ կաթողիկոսն ալ Աղուանքէ Վասպուրական գար, դիապատիկ արհեստին վրայ տեղեկութիւն չունինք, միայն թէ պատմութեանց մէջ շատ են յապաղեալ յուղարկաւորութիւններու օրինակները:

756. ԱՂՈՒԱՆՔ ԿԸ ՀԱՆԴԱՐՏԻՆ

Աղուանից աթոռին ընտրութեան դառնալով, պատմիչը կը յիշէ, թէ Անանիայի մեկնելէն ետքը Աղուանից իշխանները, Իշխանիկ, Սենեքերիմ, միւս Սենեքերիմ, Ջուանշիր եւ Գուրգէն, մեծաւ զղջմամբ զմեղայ կարդացեալ, ընտրողական գործողութիւնը կը վերջացնեն եւ կաթողիկոսացու կը նշանակեն Դաւիթ Խոտակերացի կրօնաւորը, եւ կը ղրկեն Անանիայի որ ձեռնադրէ (ՕՐԲ. Բ. 29): Յայտնի չէ թէ ուր կատարեց Անանիա խնդրուած ձեռնադրութիւնը: Աղթամարի՞ մէջ Վասպուրական եղած ատենը, թէ Արգինայի՞ մէջ Արարատ դառնալէ ետքը: Ամէն առթի մէջ զղջումի եւ մեղայի յիշատակութիւնները կը հաստատեն, թէ ընտրողական երկպառակութեանց երեսէն ձանձրացած` զայրացմամբ եւ սպառնալեօք մեկնած է Անանիա` Աղուանքէն Վասպուրական գացած ատենը: Վահանի Սիւնեաց եւ Դաւիթի Աղուանից աթոռներուն վրայ հաստատուելովը, Անանիա մեծ խնդիր մը վերջացուցած եղաւ, եւ խափանեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պառակտում սպառնացող վտանգ մը: Յաջողութիւնը ընդհանուր գոհունակութեան ալ պատճառ եղաւ, եւ գոհութիւնս եւ փառս վերառաքեցաւ յամենայն լեզուաց բարերարին Աստուծոյ (ՕՐԲ. Բ. 29): Ինքն Օրբելեան ալ մեծապէս զգածեալ այդ եղելութեան վրայ, սիրտի զեղուածով կը յարձակի նորէն բաժանման հետեւողին դէմ, ով ալ ըլլայ, որ մտաբերէ ընդ այն կորստական շաւիղս ընթանալ: Եթէ Սիւնեաց արքեպիսկոպոս կամ Աղուանից կաթողիկոս ալ ըլլայ այնպիսին` սուրբ Երրորդութենէն նզովեալ եղիցի, մասն եւ բաժին նորա ընդ հերձուածողս եւ ընդ ուրացողս եղիցի, եւ ընդ սատանայի դատապարտեսցի: Բայց յանկարծ կը մտաբերէ, կարծես, եւ միտքը կ՚իյնան իր ժամանակին Սիւնեցի վարդապետներուն` Կիլիկիա նստող կաթողիկոսներու հետ վարած դաւանական վէճերը, եւ կը յաւելու, որ եթէ վնաս ինչ իմասցին ի հաւատս կամ յեկեղեցի, եւ ճշմարտիւ ստուգեսցեն ի վերայ կաթողիկոսացն Հայոց, այն ատեն թող պատշաճն ընեն, ինքեանք գիտասցեն զարժանն, մինչեւ ուղղեսցի թիւրութիւնն (ՕՐԲ. Բ. 30):

757. ԽՈՍՐՈՎ ԱՆՁԵՒԱՑԻ

Սիւնեաց եւ Աղուանից խնդիրը չփակած, պէտք է յիշենք անոր յարակից խնդիր մըն ալ, որուն խառնուած է Խոսրով Անձեւացեաց եպիսկոպոսի անունը: Գովութեամբ եւ յարգանօք յիշուած անձնաւորութիւն մըն է Խոսրով, Անանիա կաթողիկոսի ժամանակակից, որուն ծագումն եւ նախընթաց կեանքը չենք գիտեր, եւ ոչ ալ ծննդեան թուականը, եւ առաջին անգամ իր անունը կը յիշուի, իբր փեսայ հօրեղբօր Անանիայի Նարեկացւոյ, եւ իբր հայր երեք նշանաւոր զաւակներու, որք են Սահակ, եւ Յովհաննէս Նարեկացի, եւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացի: Աշխարհական կեանքէն եկեղեցական կեանքի անցնելու հանգամանքներն ալ ծանօթ չեն, թէ արդեօք ամուսնացեալ քահանայութեամբ, թէ ոչ պարզ այրիութեամբ առաջին ձեռնադրութիւնը ստացաւ: Ամէն առթի մէջ շուտով փայլեցաւ իբրեւ գրող եւ հմուտ անձնաւորութիւն, եւ եպիսկոպոսութեան կոչուեցաւ Անձեւացեաց գաւառին վրայ, որ այն ալ թագաւորութիւն մըն էր(ՈՒՌ. 9), եւ գուցէ Խոսրովի հայրենիքն ալ էր: Այս եղաւ ամենայն հաւանութեամբ այրի մնալէ ետքը, եւ Անանիայի կաթողիկոսութենէն առաջ, Աղթամար նստող վերջին կաթողիկոսներէն մէկուն ձեռնադրութեամբ: Սոյն Խոսրովի կը պատկանին պատարագի եւ ժամակարգութեանց մեկնաբանութիւնները: Խոսրովի անունը Սիւինեաց խնդիրին յարակցողն է Օրբելեան, երբոր կը պատմէ երկրորդ անգամ Յակոբ Սիւնեաց եպիսկոպոսին հանած խնդիրները, եւ անոր վրայ խօսուած ամբաստանութիւնները, որոնց մէջէն յիշեցինք, թէ չտայ թոյլ հնազանդիլ Աղուանից 752), եւ ըսուած ալ է, թէ եւ զԽոսրով Անձեւացեաց եպիսկոպոսն նա շեղեաց թղթով Անանիայի հնազանդութենէն (ՕՐԲ. Բ. 20): Ժամանակագրութեան յարմարութիւնը չի ներեր որ տարբեր Խոսրովի վրայ մեկնենք այս կտորը, եւ հարկ կը լինի ընդունիլ, որ երբ Սիւնեաց արքեպիսկոպոսը Հայոց կաթողիկոսին դէմ կ՚ելլէր, Անձեւացեաց եպիսկոպոսն ալ, որ նոյնպէս յատուկ իշխանութեան մը եկեղեցական պետն էր, նա ալ Հայաստանի հարաւէն կը ձայնակցէր հիւսիսային շարժումին: Կիրակոս ալ կը յիշէ Խոսրով եպիսկոպոս մը Յակոբի համամիտ, եւ թէպէտ Անձեւացեաց անունը չի տար, բայց մենք ալ հարկ չենք տեսներ, երրորդ անձ մը ստեղծել, որչափ ալ անիմաստ բաներ վերագրէ սոյն Խոսրովի, զորս անհնար է Անձեւացեաց գիտնական եպիսկոպոսին պատշաճեցնել: Այս կարգին կը յիշէ Կիրակոս, իբր թէ Խոսրով ըսէր, թէ կիւռակէ գրելու է եւ ոչ կիւրակէ, իբրեւ հոռոմերէնի ուղիղ տառադարձութիւն. թէ մինչեւ պատանեկութիւն մանչերուն մազերը կտրելու չէ, վասն զի պատանի բառը մազերը պատելէն կ՚ելլէ. եւ թէ երիտասարդութեան ատեն միայն մազերը կտրելու է, վասն զի այն ատեն կտրիճ կը կոչուի (ԿԻՐ. 48): Չուզելով այսպիսի աննշանակ կէտերու վրայ երկարել, կէտ մը միայն կը գտնենք, որ նշանակութեան արժանի է, թէ ոչ է պարտ եպիսկոպոսապետի այսինքն կաթողիկոսի հլու լինել, զի աւելի ոչինչ ունի, բայց միայն զանուանակոչութիւն: Նուիրապետական սկզբունքներու խանգարում մը կ՚ըլլար պնդել, թէ կաթողիկոսութիւնը լոկ պատուանուն մըն է, եւ ոչ իշխանութիւն: Բայց այս կէտը նախընթացներէն զատուած է Կիրակոսի գրուածին մէջ, եւ յաջորդ խօսքերու հետ բաղդատուած ատեն կը տեսնուի, թէ աւելի Յակոբի, քան թէ Խոսրովի պէտք է վերագրել` եկեղեցական կարգերը խանգարող դրութեան այդ պաշտպանութիւնը (ԿԻՐ. 48): Նախընթացաբար յառաջ բերուած Յակոբի գործերուն պատմութիւնն ալ, անոր այդ տեսակէտը կը հաստատէ:

758. ՔԱՂԿԵԴՈՆԻԿ ԶՐՈՅՑ

Պատարագի մեկնութեան Մխիթարեան հրատարակիչները յառաջ բերելով Օրբելեանի գրածը, թէ նաեւ հերձուածս եւս յօդէին, եթէ քօղաբորբեալ ունի եւ զՔաղկեդոնին (ՕՐԲ. Բ. 20), անմիջապէս կ՚ուզեն հետեւցնել թէ Խոսրով, ոչ թէ յունադաւան քաղկեդոնիկ մը, այլ իսկապէս հռոմէադաւան կաթոլիկ մըն էր, եւ անոր համար Անանիայէն կը հալածուէր (ԽՈՎ. գ): Սակայն կ՚երեւի թէ լաւ մտադրութիւն չեն դարձուցած Օրբելեանի գրածին: Որովհետեւ նա ոչ թէ Խոսրովի, այլ իբր Յակոբի վրայ բարդուած ամբաստանութիւն մը կը յիշէ զայն, եւ իր կողմէն կը յարէ, թէ զպարտանք համարիմ զայսպիսի բանս, եւ ոչ ճշմարտութիւն` զրադատ եպիսկոպոսին Յակոբայ, եւ գործը կը թողու քննել արդարադատին Աստուծոյ (ՕՐԲ. Բ. 20): Իսկ Յակոբին քաղկեդոնականութեան միտելը յարմար կու գար, վասն զի Աղուանից կողմը կը բռնէր, Աղուանք ալ շարունակ կը փորձուէին Վրաց հետեւիլ: Վրացիներն ալ Կոստանդնուպոլսոյ Յունական եկեղեցւոյն յարած էին, իսկ Յունական եկեղեցին տասներորդ դարուն արդէն Հռոմէն բաժնուած էր: Հետեւապէս ոչ Խոսրովով, այլ եւ ոչ Յակոբով հնար չէ հոռոմէադաւան նպաստաւոր փաստ մը քաղել Սիւնեաց եւ Անձեւացեաց միջադէպներէն: Խոսրովի նկատմամբ ըսուածները այդպէս իրենց բուն իմաստին վերածելէն ետքը կը մնայ ճշդել, թէ ինչ եղաւ Խոսրովի դիրքը` Սիւնեաց խնդիրին մէջ եւ Անանիայի հանդէպ: Յայտնի է թէ կաթողիկոսական իշխանութիւնը անկեալ վիճակի ենթարկուած էր երբոր Անանիա աթոռ բարձրացաւ, եւ թէ Անանիայի Վասպուրականէն հեռանալը հաճելի չեղաւ Արծրունի թագաւորներուն, որոնք սկսան ընդակամբ նայիլ կաթողիկոսին եւ ընդդիմադիր շարժումներ ալ ընել: Այդ հոսանքին բռնուած է հարկաւ Խոսրով Անձեւացին ալ, Յակոբ առիթէն օգուտ քաղած է զայն իրեն կողմը որսալու, եւ իրեն ձեռնարկին դաշնակից մը գտնելու: Բայց պատմութիւնը ուրիշ բան մը չի յիշեր Խոսրովի գործունէութենէն, եւ Կիրակոսի յառաջ բերած, կիրակէ եւ պատանի եւ կտրիճ բառերուն խնդիրները ծիծաղ միայն կրնան շարժել, եւ ոչ թէ լուրջ ընդդիմութիւն մը ցուցնել: Պատմութեան լռելը, որ Մխիթարեան հրատարակիչներուն աչքին` վերջապէս քաղկեդոնականութեան կամ հռոմէականութեան յարիլ երեւցած է, ընդհակառակն նշած է թէ անցաւոր բան մըն է եղած Խոսրովի շարժումը, առանց լուրջ գործողութեան: Ապա թէ ոչ Անանիա, որ Յակոբն ու Գագիկը հալածեց մինչեւ վերջը, հարկաւ Խոսրովի չէր ներեր: Անանիայի Աղուանքէն Վասպուրական երթալը թագաւորին հրաւէրով 755), բարեդէպ առիթ մը եղած է անշուշտ Խոսրովի եւ Վասպուրականցոց հետ համաձայնութեան գալու: Առանց այս ենթադրութեան հնար չէր, որ իր որդին, Գրիգոր Նարեկացին, տար իր հօրը` յոյժ հետեւողի պատուիրանացն Աստուծոյ նկարագիրը (ԽՈՎ. 67), եթէ հայրապետական աթոռին հետ հակառակութեան մէջ` եւ անոր վճռոյն ներքեւ վախճանած ըլլար Խոսրով: Այս է մեր տեսութիւնը Խոսրովի նկատմամբ բնագիրներու մանրազնին ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուած:

759. ՆՈՐԱՇԷՆ ՎԱՆՔԵՐ

Անանիայի ժամանակին նշանաւոր եղելութիւններէն մէկն է վանքերու տարօրինակ կերպով շատնալը Հայաստանի ամէն կողմերը, որով ծաղկեալ պայծառանայր կարգ կրօնաւորական հանդիսից յաշխարհին Հայոց (ԱՍՈ. 159): Վանականութիւնը Հայոց համար նոր բան մը չէր: Իր առաջին ժամանակներուն մէջ աւելի ճգնաւորական եւ անապատասուն ձեւ ունէր, այլ հետզհետէ համախումբ միաբանութեան ձեւ առաւ, եւ ուսումնական զարգացման սկսաւ ծառայել: Լուսաւորիչ եւ Ներսէս Մեծն կրնան իբրեւ հիմնադիրներ նկատուիլ. եւ կաթողիկոսներէն նշանաւորագոյնները վանականութեան քաջալերողներն եղան: Ուսումնական նպատակը յորդորած էր մեր վանականները Յունական սահմաններուն մէջ տարածուիլ, ոչ յունադաւան քաղկեդոնիկութեան հետեւելու, այլ մանաւանդ յունական ուսմանց հմտութեամբ հզօրագոյն եւս ազգային եկեղեցին պաշտպանելու համար: Ռոմանոս Ա. Լեկաբենոսի մոլեռանդ հալածումը քաղկեդոնիկ չեղողներու դէմ` առիթ եղաւ այդ վանականներուն խմբովին Յունական բաժինէն ելլելու եւ Հայազգի մանր թագաւորութեանց սահմաններուն մէջ ցրուելու 746), որով յանկարծ Հայաստան հասան բազմութիւնք կրօնաւորաց հալածեալք ի Հոռոմոց աշխարհէն սակս ուղղափառութեան (ՎԱՐ. 88), զի ոչ հաւանեցան դաւանութեան Քաղկեդոնի (ԿԻՐ. 47): Ասոնց գալուստը գրկաբաց ընդունուեցաւ Արարատի եւ Վասպուրականի եւ ուրիշ կողմերու Հայազգի թագաւորներէն եւ իշխաններէն, որոնք չափազանց եռանդեամբ փարած էին եկեղեցիներ ու վանքեր հիմնելու եւ պայծառացնելու գործին: Որչափ իրենց մէջ կը պակսէր սիրոյ եւ խաղաղութեան առաքինութիւնը, այնչափ աւելի հոգեւորական բարեպաշտութիւններով իրենց խիղճերը հանդարտելու կը ջանային: Անանիա մեծ ճիգ թափելու չէր պարտաւորուած` թագաւորներն ու իշխանները, եւ մանաւանդ թագուհիներն ու իշխանուհիները առատաձեռնութեան յորդորելու համար. բաւական էր որ գիտնար առիթները գործածել եւ անոնց գործադրութեան հսկել: Հոռոմոց հալածանքները, վանականաց ուսումնասիրութիւնը, իշխանաց բարեպաշտութիւնը, եւ ժողովրդական եռանդը, իրարու միացած, վանաշինութիւնները ընդարձակելու զօրաւոր շարժառիթներ էին, այնպէս որ ամէն առանձնութիւններ լցեալ եւ խճողեալ էին կրօնաւորական դասուք, մինչ զի եւ զագարակս եւ զգեօղս առ բարի նախանձ քահեալ առնէին բնակութիւն կրօնաւորաց (ԼԱՍ. 49): Շարժումը սկսած էր Անանիայի նախորդներուն օրով, առանց իսկ այն կաթողիկոսներուն գործակցութեան 746), եւ այս տեսութեամբ յետաձգած էինք նոր շինուած կամ շէնցած վանքերուն ցուցակը տալ` Անանիայի արդիւնքները լաւագոյն եւս լուսաբանելու համար: Քանի որ իւրաքանչիւր վանքի համար որոշ թուականներ չունինք, առանց ժամանակագրութեան եւ տեղագրութեան մտադրութիւն դարձնելու, խառն կերպով յառաջ կը բերենք զանազան մատենագիրներուն յիշատակած անունները:

760. ԿԱՄՐՋԱՁՈՐ ԵՒ ՀՈՌՈՄՈՍ

Կամրջաձորի վանքին անունը նախ (ՎԱՐ. 88). եւ նախ առաջին (ԱՍՈ. 159) կը յիշատակուի մատենագիրներէն. մենք ալ անկէ սկսինք: Դիրքը Արշարունեաց գաւառին մէջն է, այժմ Չալտըրան, Կապոյտ գետակին ձորին մէջ. Կամուրջի մը մօտ. եթէ անունին նայինք: Բայց ուրիշ աւանդութիւն մը կ՚ըսէ թէ Կամրջաձոր անունով վանք մը կար Փոքր Հայոց Լիկանտոն գաւառը, ուր էր Յովհաննէս վանահայրը, որ այնտեղ պահուած խաչափայտի մասունքը մէկտեղ առնելով Հայաստան փախաւ, եւ Աբաս թագաւորի պաշտպանութեամբ նոր վանքը շինեց հինին անունով 939 թիւին (ԱՐԱ. 548): Ուրիշներն ալ կը հաստատեն Հրազէն նշան կոչուած հրաշագործ խաչափայտին Յովհաննէս վանահօր ձեռքով Կամրջաձորի վանքը բերուիլը, սակայն յԵգերացւոց աշխարհէն եկած կ՚ըսեն (ԱՍՈ. 158). եւ առաջին Կամրջաձորի յիշատակը չունին: Մեզի ալ հաւանագոյն կ՚երեւի հայանուն կոչման առաջին անգամ Հայաստանի մէջ սկսիլը: Յովհաննէս վանահայր իր վանքը շէնցուց կանոն կարգի ունելով զսահմանադրութիւն սրբոյն Բարսղի, որուն գլխաւոր պայմանն էր ամենայն ինչ հասարակաց ըլլալ: Քառասուն ընկերներով եկած էր, եւ մինչեւ երեք հարիւր շատցուց Կամրջաձորի վանականները: Իրեն յաջորդեց Պօղիկարպոս հաւաստի կրօնիցն պահապան, անոր ալ Սամուէլ Կամրջաձորեցի, բազմաշնորհ ի գիտութիւնս գրոց սրբոց եւ յերգս երաժշտութեանց (ԱՍՈ. 160): Միւս վանքը որ իբր առաջնակարգ յիշուած է, Հոռոմոսի վանքն է, որ է Հոռոմոց կամ Հոռոմի կամ Հոռոմցի վանք, այսպէս կոչուած, որովհետեւ շինողները որպէս թէ ի Հոռոմոց կողմանց եկին (ՎԱՐ. 88): Խօշավանք անուն ալ ունի, երկու քառակուսի աշտարակներուն պատճառով, որ խօշուն կը կոչուին (ՏԵՂ. 32): Տեղը Շիրակ գաւառին մէջն է, եւ շինողն է ուրիշ Յովհաննէս վանահայր մը, զարդարեալ յամենայն առաքինութիւնս, եւս առաւել յողորմածութեան զարդս: Պանդուխտներու ու ճամբաներու եւ առհասարակ կարօտներու օգնութիւնը, այդ վանքին աւանդութիւն եղած է, որ մինչ ցայսօր երեւի` կը վկայէ Ասողիկ (ԱՍՈ. 160): Աբասի օրը եղաւ առաջին շինութիւնը. քիչ ետքը կործանեցաւ նոյն Աբասի որդւոյն Մուշեղի գրգռութեամբ, Ապլհաճ Դելմաստիկ պարսիկ ամիրային ձեռքով (ԱՍՈ. 175), այլ վերստին շինուեցաւ Յովհաննէս Սմբատ թագաւորէն, եւ կ՚երեւի թէ այս ատեն առաւ Ս. Յովհաննէս անունն ալ (ՇԱԿ. 20). մինչ առաջին անունը Ս. Շողակաթ եղած կ՚երեւի (ԱՍՈ. 175): Տակաւին շէն մնացածներէն մէկն է Հոռոմոց Խօշավանքը:

761. ՈՒՐԻՇ ՎԱՆՔԵՐ

Նորաշէն վանքերուն մէջ կը յիշուի նաեւ Դպրավանքն (ՎԱՐ. 88), կամ Դպրեվանքն ի Շիրակ գաւառի (ԱՍՈ. 62), այլ լոկ վերաշինութիւն եւ պայծառացում պէտք է իմանալ, որովհետեւ Դպրեվանքի գոյութիւնը յայտնի է Բարսեղ Ճոն վարդապետին օրէն, եօթներորդ դարու մէջ 482): Յիշուած է եւս Կապուտքարի վանքը վայելչազարդ տեղի ունեցող դիրքով (ԱՍՈ. 162), եւ հռչականուն կոչմամբ (ԿԻՐ. 48), բայց չենք կրնար ճշդել, թէ նոյնիսկ վանքին կը պատկանի այդ հռչակը, թէ ոչ տեղւոյն, որ է Կապոյտ գետին ձորը, որուն վրայ էր Կապոյտ բերդը, ուր ապաւինած էր եւ ուր անձնատուր եղաւ Սմբատ թագաւոր 711), եւ որ նոյնիսկ կանուխ ժամանակներու մէջ հռչակուած Արտագերից բերդին հետ կը նոյնացուի (ԱՐԱ. 58): Դերջան գաւառին մէջ ալ հիմնուեցաւ Խլաձորոյ Ս. Գրիգոր վանքը, Սիմոն անուն ժիր եւ ճգնողական վարդապետի մը ձեռքով, որուն յաջորդած է Պետրոս, եւ ասոր ալ Բարսեղ, զոր անձամբ տեսած է Ասողիկ, եւ վանականներուն ճգնողական կեանքին վրայ հիանալով, կ՚ըսէ, գրեցի զբանս յիշատակիս այսորիկ սակաւուք (ԱՍՈ. 161): Յիշուած է Վանգոյ վանք մըն ալ, որուն հիմնադիրն է Վարդիկ հայր, եւ իրեն ընկերակից Կարմիր հայրը, երկուքն ալ անպատասուն ճգնաւորներ, որոնց գազաններու վրայ ալ իշխանութիւն կը վերագրուի, իսկ իբրեւ տեղ կը ցուցուի Ծոփաց նահանգին Պաղնատուն գաւառը (ԱՍՈ. 163), այսինքն այժմեան Արզնիի կողմերը: Դժուարին է ճշդել Լիկանտիոն աշխարհի Կարբերդ գաւառին մէջ Նահրնեար կոչուած տեղը, Մովսէս Տարոնեցիին իր անունով հիմնած Մովսիսավանքին դիրքը (ԱՍՈ. 161), թէպէտեւ շատեր Կարբերդը Խարբերդի հետ կը նոյնացնեն(ՉԱՄ. Բ. 824): Կարնոյ գաւառին մէջ գտնուող Հնձուց վանքին հիմնարկութիւնն ալ այդ միջոցին կը նշանակուի, եւ Սարգիս վարդապետի մը կը վերագրուի (ԱՍՈ. 162): Այս է Հինձք գիւղին մօտ եղող Ս. Աստուածածնայ Կարմիր վանքը, որուն սկզբնաւորութիւնը մինչեւ Ս. Ներսէս Մեծ կը տանի տեղական աւանդութիւնը: Սակայն մենք կը կարծենք, թէ բոլոր այդ միջոցին պատմուած հիմնարկութիւններ` վերաշինութիւններ եւ պայծառացումներ եղած են: Վասպուրականի կողմերէն յիշուած կը գտնենք միայն Նարեկայ վանքը, Ռշտունեաց գաւառին մէջ, բազմազարդ պաշտօնապայծառ երգեցողովք եւ գրական դիտողօք (ԱՍՈ. 160): Այդ գովեստը կը պատկանի Անանիա Նարեկացի վարդապետին, որ եղաւ փիլիսոփայ մեծ (ԱՍՈ. 164), եւ իր անձնական հմտութեամբ եւ Նարեկայ վանքին տուած զարգացմամբ ալ հռչակաւոր հանդիսացաւ: Սա ինքն է Խոսրով Անձեւացիի խնամին, որ անոր զաւակներէն Յովհաննէս ու Գրիգոր Նարեկացիներուն ուսուցիչն ալ եղաւ, եւ որուն աշակերտած է Ուխտանէս պատմիչն ալ (ՈՒԽ. 10): Այդ ամէն վանականներուն առաւելութիւններն էին, մէկ կողմէն ճգնաւորական խստակրօնութիւն եւ միւս կողմէն ուսումնական արդիւնաւորութիւն, եւ անոնց մեծ հովանաւորն ու քաջալերողն էր նոյն ինքն Անանիա կաթողիկոսը:

762. ՍԱՆԱՀԻՆ ԵՒ ՀԱՂԲԱՏ

Նորաշէն կամ նորոգեալ վանքերու շրջանակ մըն ալ ունինք հիւսիսային Հայաստանի մէջ, որոնցմէ Ասողիկ կը յիշէ նախ Վայոցձոր գաւառի մէջ շինուած Ցախացքար վանքը, որուն հիմնադիրն եղած է Ստեփանոս վարդապետ մը(ԱՍՈ. 162): Բայց աւելի նշանաւոր են Ձորոյգետ գաւառին մէջ շինուած զոյգ վանքերը, Սանահնի Ս. Ամենափրկիչը եւ Հաղբատու Ս. Նշանը, որոնք շատ խօսուած են հետագայ դարերու մէջ ալ, իբրեւ Արեւելեան վարդապետներու խումբին կեդրոն: Սանահին շինուած է 957-ին, եւ տասը տարի ետքը Հաղբատ 967-ին (ԱՍՈ. 100), եւ հիմնադիրն եղած է Աբասի որդի եւ յաջորդ Աշոտ Ողորմածի կողակիցը Խոսրովանոյշ թագուհին (ՎԱՐ. 90): Իսկ առաջին առաջնորդներն եղած են, Սանահինի Յովհաննէս վարդապետ, գիտնական այրն Աստուծոյ, եւ Հաղբատի Սիմէոն վարդապետ, ճգնազգեաց ծառայն Աստուծոյ (ԱՍՈ. 168): Իսկ երկու վանքերու միաբանները եղած են թիւով հինգ հարիւր, ամէնքն ալ հաւասարակեացք, միաբանականք եւ միակրօնք, այսինքն է անձնական ստացութենէն հրաժարեալներ` կամաւոր աղքատութեան սկզբունքով, ըստ կանոնին սահմանադրութեան սրբոյն Բարսղի (ԱՍՈ. 167): Այս կարգին հնար էր յիշել նաեւ Տաթեւի պայծառութեան համար Սիւնեաց իշխաններուն նուիրած գիւղերն ու ագարակները, զորս կը յիշէ Օրբելեան պաշտօնագիրներուն պատճէններն ալ յառաջ բերելով, որոնց մէջ նշանաւոր է Վասակի որդի Փիլիպէ Սիւնեաց իշխանին խոստովանութիւնը: Իմացայ եւ ծանեայ զի վաղ թառամելոց է ամենայն մարդ իբրեւ զխոտ, եւ թօթափելոց է ամենայն փառք մարդոյ իբրեւ զծաղիկ խոտոյ, եւ սարսափմամբ սասանեալ դողաց անձն իմ, եթէ ի՞բր փրկեցայց (ՕՐԲ. Բ. 12): Այս կը բացատրէ թէ ինչ զգացումն էր որ ժամանակին մեծամեծները եկեղեցիներ եւ վանքեր շինելու եւ օժտելու կը մղէր: Նուիրատուութեանց պայմաններուն մէջ կը յիշուին, ամ յամէ մին քառասունս առնել (ՕՐԲ. Բ. 11), ի Վարդավառի աւուրսն մին քառասունք առնեն անխափան (ՕՐԲ. Բ. 13), յամէն տարի քսան օր պատարագ անխափան (ՕՐԲ. Բ. 15), որոնք օրական պատարագներու թիւը կ՚աճեցնեն, եւ այդ պատճառով ալ բազմախորան եկեղեցիներու կամ աւելի ճիշդ` համախմբեալ եկեղեցիներու դրութիւնը սկսած է դարուս շինութեանց մէջ: Այլ թէ ինչպէս եւ ուստի մտած է պատարագներ բազմացնելու սովորութիւնը, հնագոյններէն նշան չունինք, եւ ժամանակակիցներու մօտ բացատրութիւն չենք գտներ:

763. ԿՐԿԻՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Նախընթաց ժամանակներու մէջ չյիշուած, եւ հետագայ ժամանակներու մէջ չգործածուած կարգադրութեան մը հրամանը կը վերագրուի Անանիա կաթողիկոսի, այն է զքաղկեդոնական մկրտեալսն կրկին անգամ մկրտել: Այդ կարգադրութիւնն ալ անձնական նախաձեռնութեամբ տուած չէ Անանիա, այլ խումբ մը նշանաւոր վարդապետներ են, որոնք խորհրդական քննութեամբ, եւ ընտրութեամբ գրովք աստուածայնովք պատշաճը որոշելէն ետքը` հրամայեցին, կ՚ըսէ պատմիչը (ԱՍՈ. 165): Կրկնամկրտութիւնը Հայոց եկեղեցւոյ սովորութեանց մէջ տեղի ունեցած չէ, եւ Յունական քաղկեդոնիկ եկեղեցին էր որ այդ սովորութիւնը կը պահէր, ընկղմամբ չմկրտողներուն դէմ, ինչպէս են Լատինները, եւ թիւրիմացութեամբ Հայերուն դէմ ալ կը գործածէր, բայց Հայերը կրկին մկրտելը` վերջին ատենները արգիլուեցաւ, երբոր մեր ալ ընկղմամբ մկրտելը Մաշտոցին թարգմանութեամբը հաստատուեցաւ: Սակայն Անանիայի եւ իրեն խորհրդակից վարդապետներուն որոշումը բոլորովին տարբեր պատճառաբանութեամբ տրուած է, երկաբնակ դաւանութեան հոգւոյն վրայ հիմնուելով: Պօղոսի տուած բացատրութեամբ, Որ միանգամ մկրտեցաք ի Քրիստոս Յիսուս, ի մահ անդր նորա մկրտեցաք (ՀՌՄ. Զ. 3): Արդ` Քաղկեդոնականք ուրանան զԱստուած ի մարմնի իւրում լինել ի խաչին եւ ի մահուն, ուսկից կը հետեւի թէ ի մահ մարդոյ մկրտին, մինչ պէտք էր որ յԱստուած իցէ մկրտութիւն մեր, եւ ի մահ Տեառն կատարեալ: Ապա թէ ոչ մկրտութիւնը իր նշանակութիւնը եւ զօրութիւնը կը կորսնցնէր, եւ կը ճշմարտուէր Երեմիայի պատգամը. Անիծեալ է որ դնէ զյոյս իւր ի մարդ (ԵՐՄ. ԺԷ. 5): Այս է կաթողիկոսին եւ վարդապետներուն պատճառաբանութեան հիմը` Քաղկեդոնականներուն տուած մկրտութեան անվաւեր եղած ըլլալը հաստատելու, եւ կրկնամկրտութիւն հրամայելու համար (ԱՍՈ. 165): Այդ եզրակացութիւնը, որ եւ ոչ բուն Նեստորականներու դէմ գործածուած է, եւ զոր Քաղկեդոնականներու դէմ գործածել Հայոց եկեղեցւոյ մէջ կանոն եղած չէ, պէտք է իբրեւ բացառիկ եւ անցաւոր կարգադրութիւն մը նկատել, եղած թշնամանաց դէմ վրէժխնդրական թշնամանք մը: Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռոմանոս Լեկաբենոսի կողմէն Միաբնակներու դէմ կազմակերպուած հալածանքին ատենն էր, եւ այդ հալածանքներու երեսէն Յունական բաժինէն փախչող վարդապետներու ձեռքովն էր, որ այդ որոշումը կը տրուէր, որով Հայեր իրենց դէմ եղած թշնամանքին փոխարէնը ըրած կ՚ըլլային, եւ միեւնոյն ատեն Հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներն ալ կը խորշեցնէին քաղկեդոնական դաւանութեան հետեւելէ: Պատահական որոշումներ եւ բացառիկ գործողութիւններ, որք ստիպողական առիթներու համար կը տրուին, չեն այլայլեր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սեփական թոյլատու ներողամտութեան սկզբունքը, եւ անոր հաստատուն պահպանութիւնը: Անանիայի ըրածը պէտք է անցընել գերզգօնութենէ բղխած բացառիկ եւ անցողական որոշմանց կարգին, որոնք ստիպողական արարքներու դէմ` վերահաս վտանգներու առջեւն առնելու կը ծառայեն, եւ հաստատուն կանոն չեն նկատուիր:

764. ԱՇՈՏ ՈՂՈՐՄԱԾ

Աբասի թագաւորութեան տեւողութիւնը, 24 տարի եղած է (ԱՍՈ. 157, ՍԱՄ. 99), որ 930 տարիէ հաշուուելով 738) կը յանգի 954-ին, թէպէտ կան 951-ին դնողներ ալ (ՎԱՐ. 89), բայց առաւել հեղինակութիւն ունեցողներ չեն: Ըստ այսմ Անանիա 8 տարի միայն Աբասի հետ գործակցած կ՚ըլլայ, իսկ իր մնացած 14 տարիները անցուցած է անոր որդւոյն Աշոտի հետ, որ է Աշոտ Գ. Ողորմած մականուանեալ իր չափազանց գթասիրտ եւ առատաձեռն վարմունքին համար կարօտեալներու եւ հիւանդներու հանդէպ (ՎԱՐ. 89): Աշոտ Շահանշահ ալ կոչուած է (ԱՍՈ. 166), որովհետեւ Արարատի Բագրատունի թագաւորները նախաթոռութիւն եւ գլխաւորութիւն կը վայելէին, բոլոր Հայազգի թագաւորներու եւ ազատ իշխաններուն վրայ, եւ այդ պատուանունը կը գործածէին Արքայից-արքայ իմաստով: Աշոտ վերադիր անունով Աշոտ Գագիկ ալ կոչուած է (ՈՒՌ. 3), եւ մենք առիթ ունեցած ենք ուրիշ կրկնակ անուն ունեցողներ ալ տեսնել(ԱՐԾ. 245), որ կ՚երեւի թէ անսովոր բան մը չէր այն ատեն ալ: Աշոտ իր բարեպաշտական զգացումներով մեծապէս օգնած է Անանիայի եկեղեցաշէն ձեռնարկներուն, իրեն համամիտ եւ գործակից ունենալով իր արժանաւոր կողակիցը, Խոսրովանոյշ թագուհին, որուն ծագումն ու հայրանունը չենք գտներ պատմութեանց մէջ: Աշոտի բարեպաշտօն եւ գթասիրտ գործերուն գովեստը առատ է ամէն պատմիչներու մօտ, մինչեւ ըսել թէ խոնարհութեամբ եւ ողորմածութեամբ անցոյց զամենաքումբք (ԱՍՈ. 167): Աշոտ իր կողմէն բազում ուրկանոցս շինեաց, որք են վարակիչ ախտերու հիւանդանոցներ, զորս կը խնամէր յոլով անգամ անձամբ սպասաւորելով նոցա (ՎԱՐ. 89), եւ իր պալատին մէջ ալ զգոնջացեալսն եւ զկաղսն եւ զկոյրսն հաւաքէր առ ինքն, բարձակից ինքեան առնելով ի խրախճանութիւնսն, եւ անոնց հետ սեղանակից ըլլալով զբաժակն իւր թագաւորական ըմպելեօք մատուցանէր նոցա, եւ զմնացորդս նոցա առեալ ինքն ճաշակէր, թէպէտեւ թարախ վիրաց նոցա խառնէր ընդ գինւոյն: Իսկ իր առատաձեռնութեան մէջ չափ չունէր, այնպէս որ ի մահուան իւր ոչ լինէր դրամ մի ի գանձատան նորա, եւ ոչ թէ միայն ունեցած դրամը, այլ եւ զկապուտ զարդուցն եւ բազմականացն եւ որմոց հանելով կամ վաճառելով` տայր կարօտելոց (ԱՍՈ. 167): Բայց այդ տեղեկութիւնները պէտք չէ երբեք կարծել տան, թէ Աշոտ արքունական մեծութեան եւ մեծագործութեան զգացումէ զուրկ` խղճահար բարեպաշտի նկարագիր մը եղած ըլլայ. որովհետեւ Բագրատունեաց ժամանակէն մնացած նշանաւոր շինութեանց մեծագոյն մասը իրեն ժամանակին գործերն են: Զանց ընելով կրկնել ինչ որ նորաշէն եւ նորոգեալ վանքերու վրայ գրեցինք, եւ որոնց մէջ ինքն ու Խոսրովանոյշ գլխաւոր մաս մը ունին 762), սա ինքն է որ զփոքր պարիսպ քաղաքին Անւոյ շինեաց: Փոքր ըսուած պարիսպը ներքինն է` նուազ ընդարձակ ըլլալուն համար, ապա թէ ոչ բարձրագոյն եւ գլխաւոր պարիսպն է, աշտարակներով զօրացած իբրեւ զատ զատ մարտկոցներ, զորս բրգունս կը կոչէ պատմիչը, եւ կը յարէ թէ իւրաքանչիւրին մէջ եկեղեցիս յօրինեաց, եւ թուական կը ցուցնէ 964 տարին (ՎԱՐ. 89): Աշոտ ոչ նուազ աջալուրջ գտնուած է ազգին պաշտպանութեան համար, ինչպէս գործերը կը ցուցնեն, եւ ոչ նուազ նախանձայոյզ եկեղեցւոյ համար, ինչպէս պիտի պատմենք Վահան կաթողիկոսի միջադէպին ատեն:

765. ՀՐՈՍԱԿ ԵՒ ԿԱՐՍ

Հազիւ թէ Աբասի մահը լսուեցաւ, նորէն քաջալերուեցան հիւսիսային լեռնականները, որոնք իրենց ասպատակութիւնները դադրեցուցած էին Բերի պարտութենէն ետքը 741), եւ նոր հրոսակներով սկսան նեղել Հայոց գաւառները: Ասոնց դէմ ելաւ Աշոտ, եւ 45, 000 զօրաց բանակ մը կազմեց որ Մարզպետական կոչուած է (ՈՒՌ. 3), Գէորգի որդի 731) Գոռ Մարզպետունիի անունէն, որ գլխաւոր հրամանատարն էր: Աշոտ ինքն ալ անձամբ կ՚ընկերանար բանակին եւ ընդհանուր շարժումները կը կառավարէր, թշնամիի յարձակումներուն համեմատ ընդդիմադիր գունդեր հասցնելու համար: Եւ այսպէս երեք տարի շարունակ զինուորական պաշտպանութիւնը շարունակելով, վերջապէս կը վերջացնէ Կովկասաբնակ լեռնականներուն ասպատակութիւնները (ՉԱՄ. Բ. 826): Ուրիշ յաղթութիւն մըն ալ ունեցան Հայերը, 959 տարւոյ միջոցները, այսինքն Կովկասայնոց գործը վերջացնելէն ետքը, այս անգամ ալ ընկրկելով եւ կոտորելով Համտանի բանակը (ՈՒՌ. 3), որ Աղձնեաց նահանգին ոստիկանն էր, եւ ամիրապետէն ապստամբելով շրջակաները կը նեղէր: Ներքին երկպառակութեան պատճառ պիտի ըլլար Մուշեղ, Աշոտի կրտսեր եղբայրը, եթէ Աշոտ խաղաղասէր բարուք կալեալ զաշխարհս Հայոց` վտանգին առջեւը չառնէր (ԱՍՈ. 167): Մուշեղ Կարսի մէջ կը մնար, երբոր Աշոտ Անի փոխադրուած էր, զոր կ՚ամրացնէր եւ կը շէնցնէր. եւ որովհետեւ Կարս իր հօրը թագաւորանիստ քաղաքը եղած էր, Մուշեղ ալ թագաւորական անուն եւ ազատ իշխանութեան ձեւեր ուզեց պահել: Աշոտ չընդդիմացաւ, բաւական սեպելով որ թշնամական ընթացք չունենայ, եւ իրեն միշտ գործակից գտնուի, եւ այս կերպով երկու եղբայրներու բարեկամութիւնը չխզեցաւ, միայն թէ Հայաստանի մէջ թագաւորութիւն մըն ալ աւելցաւ (ԱՍՈ. 166): Միեւնոյն ատեններն էր որ Սիսական Սմբատ իշխանն ալ, Սահակի որդին, որ յաջողեր էր տիրել համագունդ աշխարհին Սիսական` գահերէց իշխանութեամբ (ՕՐԲ. Բ. 42), լոկ իշխանի անունն ու դիրքը բաւական չգտաւ, եւ թագ կապեալ ինքեան թագաւորեաց (ՕՐԲ. Բ. 43), եւ իւր կողակիցն Շահանդուխտ, Աղուանից Սեւադա իշխանի աղջիկը (ՕՐԲ. Բ. 34), թագուհի հռչակուեցաւ:

766. ԱՇՈՏԻ ՕԾՈՒՄԸ

Այդ պարագայից մէջ նկատելու է, որ թէպէտ թագաւորներ բազմացած էին, սակայն նախանձաբեկ գժտութիւնները նուազեցան, եւ այդ եղելութեան մէջ կը սիրենք նկատել տալ Անանիա կաթողիկոսին կարողութիւնն ու ազդեցութիւնը, որ կրցած էր ամենուն բարի տրամադրութիւններ ներշնչել: Այդ բանին մեծ փաստ մըն է այն որոշումը, որով ամենայն իշխանքն աշխարհոց տանն Հայոց, իրարու հետ համաձայնելէ ետքը Անանիա կաթողիկոսի դիմեցին, որպէս զի Հայոց արքայից արքային, Աշոտ Շահանշահի վրայ հանդիսաւոր օծման արարողութիւնը կատարուի, ինչ որ տակաւին չէր կատարուած Հայոց թագաւորներու վրայ (ՈՒՌ. 3): Այդ նպատակով եղեւ ժողով ահագին մեծ ի քաղաքն Անի, որ եղեւ թագաւորանիստ քաղաք Հայոց, եւ բոլոր Հայ թագաւորներէն զատ եկան եւս Աղուանից Փիլիպպոս թագաւորը եւ Յովհաննէս կաթողիկոսը, եւ Անանիա հանդիսապէս կատարեց Աշոտի օծումը, եւ լինէր ուրախութիւն մեծ ամենայն տանն Հայոց: Այդ առթիւ շրջակայ ազգերու թագաւորներն ալ տուրս եւ սէրս հանդերձ պատուական ընծայիւք յուղարկէին ի փառաւորութիւն Հայոց թագաւորութեան (ՈՒՌ. 5): Նկատողութեան արժանի է, որ ամէն կողմէ ուրախ լինէին յաղագս քաջութեան Աշոտ Գագիկին, որ ոչ միայն ողորմած եւ բարեպաշտ եւ առաքինի անձ մըն էր, այլ եւ էր կորովի եւ այր պատերազմող (ՈՒՌ. 4): Թագաւորական օծումին տարին ոմանք 961 կը նշանակեն (ՈՒՌ. 3), եւ ուրիշներ 964 (ՍԱՄ. 100), առաջինը յարմարագոյն կը գտնենք պատմութեան կարգին, մանաւանդ որ Անեցիին հաշիւներուն մէջ երեք տարիի թիւրիմացութիւն մը մտած է, ինչպէս ուրիշ անգամներ ալ դիտել տուած ենք:

767. ԱՆԱՆԻԱՅԻ ՄԱՀԸ

Անանիա Մոկացիի հայրապետական գործունէութեան մասին գտնուած յիշատակները աւելի տեղեկութիւններ չեն տար մեզի, բայց յիշուածներն ալ բաւական են ցուցնելու, թէ կամքի եւ նախաձեռնութեան տէր անձ մը եղած է, աշխատութեանց մէջ անխոնջ, դժուարութեանց դէմ անընկճելի, եւ ազդեցութեան եւ կացութեան տէր: Գրական արդիւնք չունինք իր գրիչէն ելած, բայց տեսանք ուսումնական վանքերու զարգացման մասին տարած հոգածութիւնը: Իր ժամանակէն ունինք նաեւ բաւական թուով նշանաւոր վարդապետներ, բայց որովհետեւ անոնց գործունէութիւնը Անանիայէ ետքն ալ շարունակեց, ուստի ուրիշ յետնագոյներուն հետ ամենուն անունները կը պահենք տալ Խաչիկի կաթողիկոսութեան վերջը: Քսաներկու տարի պաշտօնավարութիւնն ալ բաւական միջոց մըն է, ուստի Անանիա պէտք է լրացեալ եւ ծերացեալ տարիքի մէջ կնքած ըլլայ իր կեանքը 968-ին, ինչպէս հաշուեցինք 747) լաւագոյն ժամանակագրութեանց հետեւելով: Պարզ բացատրութեամբ մը ըսուած է, թէ հասանէ վախճան կաթողիկոսին տեառն Անանիայի, որ ընթացքը աւարտած խաղաղական հանգիստի իմաստն ունի (ՕՐԲ. Բ. 32): Բայց աւելի յայտնի ալ ըսուած է, թէ լցեալ զաւուրս իւր բարւոք ծերութեամբ վախճանեցաւ (ԱՍՈ. 168): Իսկ թաղումը եղած է ի վանսն Արգինայի: Փոխեն զնա ի հանգիստ բացատրութիւնը (ՕՐԲ. Բ. 32), ցոյց կու տայ, թէ մահը Արգինայէ դուրս տեղի ունեցած է, Անիի կամ Շիրակաւանի մէջ, եւ մարմինը փոխադրուած է Արգինա, որ Անանիայի առժամեայ հայրապետանոցն էր եղած, եւ ուր նշանաւոր վանք մըն ալ կար առաջ 751):