Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԽԱՉԻԿ Բ. ԱՆԵՑԻ

863. ՅԱՋՈՐԴԵԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Պետրոս կաթողիկոսի վախճանած միջոցին ցրուած եւ գրեթէ անգլուխ վիճակ մը ունէին Հայերը: Նա կը վախճանէր Սեբաստիոյ Արծրունի թագաւորութեան սահմանին մէջ, որ թէպէտ Հայ էր, սակայն առանձին գաղթականութեան ձեւ ունէր, եւ Հայութեան կեդրոն չէր կրնար նկատուիլ: Գագիկ Աշոտեան Անիի վերջին թագաւորը իր դիրքն ու ազդեցութիւնը կորսնցուցած, գրեթէ աքսորեալ մըն էր Պիզուի կողմերը: Գագիկ Աբասեան Կարսի մէջ հայրենի հողին վրայ իշխող ազգային հարստութեան վերջին մնացորդն էր, բայց մէկ կողմէն Սելճուքներու յարձակմանց 895), եւ միւս կողմէն Յոյներուն ոտնձգութեան ենթարկուած, եւ ինչ ընելիքին վրայ շփոթած, կարող չէր գործի գլուխ անցնիլ: Հիւսիսային գաւառներու իշխողներ, Գուգարաց, Ափխազաց, Վրաց եւ Աղուանից թագաւորներ, որչափ ալ Բագրատունեաց ցեղէն սերած, իրենց երկիրներուն բնիկն էին դարձած, անոնց եկեղեցւոյն աշակերտած, եւ Հայութեան շրջանակէն դուրս ելած կը սեպուէին: Անի այլեւս յունական գաւառ մըն էր Յոյն կուսակալով: Կացութիւնը բնաւ նպաստաւոր չէր ազգովին ընտրութեամբ Պետրոսի յաջորդը նշանակելու, բայց բարեբախտաբար աթոռը անտէրունջ չէր: Պետրոսի օգնական նշանակուած եւ կաթողիկոսական օծմամբ աթոռակից դիրք ստացած Խաչիկը, քանի տարիներէ ի վեր իր մօրեղբօր անունով տիրապէս կաթողիկոսութիւնը կը վարէր եւ իսկապէս կաթողիկոս ճանչցուած էր: Բաւական էր որ իր անունով ալ պաշտօնը վարող ճանչցուէր, որպէսզի յաջորդութիւնը անխախտ պահուէր: Այսպէս սկսաւ Խաչիկի պաշտօնապէս կաթողիկոսութիւնը 1058-ին: Եւ ճշդիւ ալ այս կերպով պէտք է իմանալ պատմիչին ըսելը. Կացուցանեն ի տեղի նորա զԽաչիկ զնորին քեռորդի, որ զձեռնադրութիւն հայրապետութեանն վաղնջուց ընկալեալ էր (ԼԱՍ. 72): Խաչիկի երէց եղբայրը Անանիա կամ Անանէ` մօրեղբօրը հետ Կոստանդնուպոլիսէ Սեբաստիա եկած էր (ՈՒՌ. 125), եւ Պետրոսի հաւատարիմը Եղիսէ` Սեբաստիոյ եպիսկոպոս անուանուած էր (ՄԱԳ. 107), սակայն ոչ մէկը դժուարութիւն հանեց Խաչիկի անմիջապէս կաթողիկոս ճանչցուելուն, ոչ միայն դժուարին վայրկեանը համերաշխ գործակցութիւն կը պահանջէր, այլ Խաչիկ առած ձեռնադրութեամբը արդէն իրաւունքն ալ ստացած էր, եւ Անիէ Սեբաստիա եկած ըլլալով Պետրոսի մօտ կը գտնուէր, ինչպէս պատմութեան կարգէն ալ կը քաղուի (ՈՒՌ. 165): Խաչիկի մասին արդէն պատմութեանս կարգին խօսուած ըլլալով, պէտք չենք զգար նորա նախընթացին վրայ անդրադառնալ: Իսկ Անեցի մակդիր անունը, որով սովորաբար կը ճանչցուի, յառաջ եկած է Անիի մէջ բնակելէն եւ գործելէն, թէ ոչ ստոյգ տեղեկութիւն չունինք անոր ծննդավայրին վրայ:

864. ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ

Հայեր բարեբախտ գտնուեցան իրենց հայրապետական աթոռին շարունակութիւնը ապահովելով եւ աթոռի պարապութեան վտանգէն ալ ազատելով, բայց Յոյներ գոհ չմնացին, վասնզի Հայոց քաղաքական իշխանութիւնը ջնջելէ ետքը, եկեղեցական իշխանութիւնն ալ կ՚ուզէին վերցնել, որպէս զի կարենայ Հայ տարրը թէ քաղաքականպէս եւ թէ կրօնապէս իրենց մէջ ընկղմել, Հայ եկեղեցին խափանել եւ Հայ ազգութիւնը վերջացնել: Այս գաղափարը նոր կենդանութիւն ստացաւ, երբ 1059-ին Կոստանդին ԺԱ. Տուկիծ գահ բարձրացաւ: Տուկիծ իբրեւ մոլեռանդ յունադաւան առնէր քննութիւն հաւատոյ, եւ կամէր ամենայն ջանիւ դարձուցանել զՀայոց քրիստոնեայքն ի դաւանութիւն Քաղկեդոնի (ՍՄԲ. 75): Հազիւ թէ կ՚իմանայ որ Պետրոս վախճանած է, եւ Խաչիկ անոր յաջորդ հռչակուած է, Տուկիծ կը մտածէ խափանել զհայրապետութիւնն յազգէն Հայոց (ՍՄԲ. 75), եւ հրաման կ՚ընէ, եւ յատուկ խնդրակս ալ կը ղրկէ, որ Խաչիկը Կոստանդնուպոլիս փոխադրեն, միանգամայն Սեբաստիոյ քաղաքին մէջ Պետրոսի թողած հարստութիւնները, եւ այլուր ի Հայս կաթողիկոսին ունեցած գանձերը, ինչ որ գտնեն, մէկտեղ ժողվեն ու իրեն բերեն (ԼԱՍ. 72): Կայսրը գիտնալով Պետրոսի արծաթսիրութիւնը, կ՚ենթադրէր որ անոր մօտէն մեծամեծ հարստութիւններ պիտի ելլեն, մանաւանդ որ Պետրոս պահ մըն ալ արքունի գանձուն աւանդապահ մնացած էր, երբ Գագիկ Աշոտեան Կոստանդնուպոլիս տարուեցաւ: Սակայն ակնկալութիւնը չիրականացաւ: Խաչիկ կաթողիկոս, Եղիսէ եպիսկոպոսի եւ ուրիշ եպիսկոպոսներու հետ Կոստանդնուպոլիս բերուեցան, ձեռք անցուած հարստութիւններն ալ մէկտեղ, սակայն կայսրը գտնուածով չբաւականացաւ. եւ սկսաւ Խաչիկը նեղել, որպէսզի պահուած գանձերը յայտնէ կամ յանձնէ: Սեբաստիոյ եպիսկոպոս Եղիսէին Կոստանդնուպոլիս բերուած լինելը, եւ Սեբաստիոյ մէջ եղած գանձերուն համար Խաչիկի եւ Եղիսէի հաւասարապէս բռնադատուիլը, եւ Սեբաստիոյ մէջ շատերուն նոյն գանձերուն համար ի խոշտանգանս մատնուիլը (ՈՒՌ. 165), կը հաստատեն թէ Խաչիկ Սեբաստիա կը գտնուէր Պետրոսի կենաց վերջին օրերը, եւ ասով դիւրացած էր յաջորդութեան գործը: Խաչիկի վրայ գործուած բռնութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ ընդ հարկիւ կամէին արկանել զնա: Այդ բացատրութիւնը, թէպէտ քիչ մը մութ, կը յայտնէ թէ խնդիրը դրամական հարկէն աւելի նպատակ ունէր Հայոց աթոռը Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին հպատակեցնել, որովհետեւ հարկատու լինել` նովին իսկ իշխանութեան ներքեւ լինելու նշանն է: Միեւնոյն իմաստի կ՚ակնարկէ Խաչիկի պնդելն ալ, թէ զոր մինչեւ յիմ ժամանակ չէ լեալ, եւ ոչ ես հաւանիմ (ԼԱՍ. 72): Ետքի ժամանակներու մէջ ալ պիտի տեսնենք Յոյներուն կողմէ եղած ջանքերը, Հայոց հայրապետութիւնը իրենց հնազանդեցնելու: Յոյներուն այդ դիտումը, յառաջ կու գար Հայաստանի գրեթէ ամբողջութեամբ յունական կայսրութեան անցնելէն, եւ Սեբաստիոյ, եւ վերջին ատեններ սկսած էր իբրեւ աթոռանիստ նկատուիլ, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան ենթարկեալ վիճակ ըլլալէն: Սակայն հակառակ այդ պարագաներուն Խաչիկ կաթողիկոս անխախտ մնաց իր եկեղեցւոյն անկախութիւնը պաշտպանելու մէջ, ինչ որ յետադարձ ակնարկով` Հայ եկեղեցւոյն սկզբնական անկախութեան փաստ կը լինի: Աւելցնենք նաեւ քաղկեդոնիկ դաւանութիւն ընդունելու առաջարկը, ինչպէս սկիզբէն յիշեցինք (ՍՄԲ. 112):

865. ՆԵՂՈՒԹԵԱՆՑ ԿԸ ՄԱՏՆՈՒԻ

Խաչիկի Կոստանդնուպոլիս մնալը երեք տարի տեւեց (ԼԱՍ. 72) 1059-էն մինչեւ 1062, բայց ոչ այն պատուադիր ձեւով, որով Մոնոմախ Պետրոսը կը պահէր, այլ կատարեալ նեղութեան վիճակի մէջ, այնպէս որ պատմիչներ կը համարձակին ըսել թէ պահեցին յաքսորս (ՍՄԲ. 75), կամ արգելական պահեցին (ՍԱՄ. 112): Միանգամայն սպառնալիս եւս յանելուին թէ ոչ ելանիցես աստի, եթէ ոչ զհրամայեալսն ի մէնջ յանձն առնուցուս: Երբ կը տեսնէին Խաչիկի հաստատամտութիւնը, ի հարց եւ ի փորձ արկեալ կը բռնադատէին (ԼԱՍ. 72), ինչ որ ժամանակին գործածուած ձեւերուն համեմատ, լոկ բերանացի խօսքերով չէր վերջանար, այլ մարմնոյ խոշտանգանքներով կը լրանար: Այս գիտակցութեամբ է, որ ուրիշ պատմագիր մը կը համարձակի գրել, թէ նաեւ հրով փորձեալ եղաւ Խաչիկ ի նոցանէ, այլ ոչ այրեցաւ (ՍԱՄ. 112): Եթէ այդ կէտը բառացի ալ չառնենք, պէտք է ընդունինք իբր Խաչիկի վրայ փորձուած բռնութեան սաստկութիւնը իմացնելու ոճ մը: Սակայն կաթողիկոսը, արդէն փորձառու էր յունական հալածանքներուն, նեղութեանց մէջ փորձուած ու վարժուած էր, լցեալ ամենայն սրբասնունդ առաքինութեամբ, եւ բարեհամբաւ անուամբ, զարդարեալ` շնորհօք առաքելական եւ մարգարէական (ՈՒՌ. 152): Ուստի պինդ մնաց իր ուղղութեան մէջ, ինչպէս որ վայել էր մեծի Լուսաւորչին մերոյ փոխանորդին, երբեք միտքը չի փոխեց, եւ ոչինչ զանգիտացեալ ի նոցա բանիցն, ի նոյն եւ ի նմին եկաց հաստատուն, մինչեւ նոյն իսկ բռնադատող կայսրն Տուկիծ` ի զեղջ եկեալ արձակեաց զնա առանց հարկի (ԼԱՍ. 73), այսինքն է առանց իր պահանջումներուն գոհացում ստանալու: Լաստիվերտցիին գրածին համեմատ, երկու անձեր, մին իշխան եւ միւսն վանական ի Հոռոմոց, թէ ճշմարտիւ կամ թէ կեղծեօք, կայսեր կը ներկայանան, իբրեւ Հայոց կաթողիկոսութեան թեկնածու, եւ կը խնդրեն զվերակացութիւն եկեղեցւոյ հարկաւ վանականին համար, խոստանալով հատուցանել զհարկն` հարկաւ իշխանին կողմէն: Բայց այդ երկուքին վրայ յանկարծ հասած արկածը, որ չարամահ սատակեցան, Տուկիծի վրայ կ՚ազդէ, եւ Խաչիկը կը թողու(ԼԱՍ. 73): Բայց ուրիշ կողմէն կը պատմուի, թէ Գագիկ Աշոտեան Պիզուի իշխանը, եւ Ատոմ Արծրունի Սեբաստիոյ թագաւորը եւ իր եղբայրը Աբուսահլ, մեծաւ աշխատութեամբ ջան յանձինս կրեցին, եւ հազիւ կարուցին հանել Խաչիկը եւ Եղիսէն եւ ուրիշ եպիսկոպոսները Կոստանդնուպոլսոյ արգելականութենէն (ՈՒՌ. 145), ինչ որ պէտք է միջնորդութեան եւ թախանձանքի իմաստով իմանալ, ապա թէ ոչ միտքի մօտ ալ չէ ըսել, թէ վերոյիշեալ իշխանք Հայոց գունդ հեծելոց գործեալ հանեն զկաթողիկոսն զտէր Խաչիկ (ՍՄԲ. 75): Երբոր Խաչիկ իրեններով այդ նեղութեանց ներքեւ կը հեծէր, հարկաւ դիւրութիւններ չունէր հեռուէն ալ իր հայրապետական իշխանութիւնը վարել, եւ հաւանական կ՚երեւի ըսել, թէ Անանիա եպիսկոպոս, Խաչիկի եղբայրը, որուն անունը յիշուած չէ Կոստանդնուպոլիս տարուածներուն հետ, Սեբաստիա մնացած էր, եւ այնտեղէն փոխանորդաբար հոգ կը տանէր կաթողիկոսութեան գործերուն:

866. ՄԱԳԻՍՏՐՈՍ ԵՒ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Պետրոս կաթողիկոսի մահուընէն քիչ ետքը մեռաւ Գրիգոր Մագիստրոս ալ, անոր հիացողն ու մտերիմը: Մագիստրոսէ իբր ընծայ Պետրոսի ղրկուած խաչանիշ ցուպ նեցուկ եւ գաւազան մական (ՄԱԳ. 31), եւ բաժակ մանուածոյ ճախարակեալ, եւ անօթ իւղոյն սրբոյ (ՄԱԳ. 32), անոր Կոստանդնուպոլիսէ ազատելուն առթիւ խնդակցութեան նուէրի նշանակութիւնը կը կրեն, եւ նշանակ դա յաղթութեան ակնարկը (ՄԱԳ. 31), կրնայ Պետրոսի փառքով դառնալուն վրայ մեկնուիլ 857): Կուսակալութեան պաշտօնը Մագիստրոսի ճաշակին համեմատ գործ մը չէր, որ աւելի ուսումնական եւ կրօնական զբաղումներով կը զուարճանար, ուստի յաճախ միտքէն կ՚անցընէր կայսեր երթալ, զի թերեւս զերծեալք ի մրրկեալ այսմ բդիշխութենէ կարենայ պարապիլ Աստուծոյ (ՄԱԳ. 48), բայց իր դիտման չէ հասած: Նա պարտաւորեալ մնաց զամենայն սրտակցութիւն եւ արտալուծութիւն` հանդերձ տարաբնակութեամբ ստանձնեալ, ունեցած վիճակը տիրապէս կրել մինչեւ ցվերջ (ՄԱԳ. 105): Միայն կը մխիթարուէր ամէն կողմ խրատներով եւ հրահանգներով լեցուն նամակներ գրելով: Մագիստրոսի կեանքին վերջին մասը վարչական արդիւնաւոր գործերով անցած է, այնպէս որ ինքն իրեն համար պարծենալով կը վկայէ, թէ ամէն կողմ ծանօթ են ի ձեռն իմոյ տկարութեանս յառաջ եկած արդիւնքները ի բոլոր գործառնութիւնս, ի քաղաքս եւ ի դղեակս, յաւանս եւ ի գիւղս, յանապատս եւ ի պատս, եւ ի բոլոր տնօրինական առաջարկութիւնս, որոնց մեծ հետեւանքն է ի հարաւային բռնութենէն խաղաղանալն, եւ իր կառավարած նահանգին պատուասիրութիւնս եւ բարձրութիւն ստանալը (ՄԱԳ. 65). սակայն ոչ ինքն մանրամասնութիւններ պատմած է, եւ ոչ ուրիշի կողմէ յիշուած են: Աւելի ծանօթ են իր գրական աշխատութիւնները, թուղթերը, տաղասացութիւնները, քերականին մեկնութիւնը, եւ Պղատոնի գործերէն Տիմէոսի ու Փեդովնի իմաստասիրականներուն եւ Եւկլիդէսի երկրաչափականին թարգմանութիւնները (ՄԱԳ. 66): Վերջապէս յոգնած ու պարտասած կնքեց նա իր կեանքը 1059-ին մօտաւորապէս 68 տարեկան (ՄԱԳ. իթ. ) եւ թաղուեցաւ Օկոմիի վանքը, որ է այժմեան Հասանքալէի Ս. Աստուածածինը, ուր եւ կը ցուցուի տակաւին իր գերեզմանը: Գրիգորի զաւակներէն կը յիշուին չորս մանչեր եւ չորս աղջիկներ: Մանչերն են Վասակ, Վահրամ, Վասիլ եւ Փիլիպէ: Իսկ աղջիկներէն մէկը Վեստ Սարգիսի (ՇԱԿ. 135), եւ միւսը Թոռնիկ Մուշեղեանի կին էին: Երրորդն ամուսնացած էր Վասակ իշխանի հետ, որդի Ապիրատի ու թոռն Պահլաւունի Հասանի, որ չորս զաւակներ ունեցաւ, Գրիգոր, Հասան, Ապլջահապ եւ Բարսեղ, որ յետոյ կաթողիկոս եղաւ: Չորրորդ աղջիկը ամուսնացաւ Ծովքի իշխանին հետ, եւ ասոր զաւակներն են Ապիրատ, Վահրամ, Վասակ եւ Գրիգոր, որ յետոյ եպիսկոպոս եղաւ: Ապիրատին զաւակներն են Վասիլ, Շահան, Գրիգոր եւ Ներսէս, վերջին երկուքը Պահլաւունի եւ Շնորհալի կաթողիկոսները. Վասիլի որդին է Գրիգոր Տղայ, Շահանի որդին է Գրիգոր Ապիրատ, եւ անոնց քոյրը Շահանդուխտ ալ Ներսէս Լամբրոնացիին մայրն է: Մագիստրոսի արական ճիւղը յաջորդութիւն չէ թողած: Վասն զի Վասիլ եւ Փիլիպէ ծաղիկ հասակի մէջ մեռան, Վահրամ անորդի մնացած եւ ետքը կաթողիկոս եղած Վկայասէրն է, Վասակ ալ Անտիոքի դուքս եղած եւ ժողովրդական յուզմանց մէջ սպաննուած է 1076-ին եւ սերունդը չի յիշուիր: Մագիստրոսի տունը պայծառացողները իրեն երկու աղջիկներուն սերունդները կը մնան, որոնք Պահլաւունի անունը պահեցին, կամ իբրեւ խնամիական փառաւոր անուն մը, եւ կամ, ինչպէս շատեր կը կարծեն, նոյնիսկ փեսաներն ալ Պահլաւունի ցեղէ ըլլալնուն համար: Այդ կէտը գրեթէ ստուգուած է Հասանի թոռ Վասակի վրայ, իսկ Ծովքի իշխանին վրայ դժուար է ճշդել, քանի որ անունն իսկ անծանօթ մնացած է, թէպէտ աւելի յայտնի եւ աւելի արդիւնաւոր եղան այդ ճիւղէն յառաջ եկող չորս կաթողիկոսները, Պահլաւունին, Շնորհալին, Տղան եւ Ապիրատը, եւ Լամբրոնացի եպիսկոպոսը:

867. ԳԱԳԻԿ ԱԲԱՍԵԱՆ

Հայաստանի կացութիւնը տարբեր չէր տակաւին այն տխուր նկարագիրէն, զոր անգամ մը բացատրեցինք 860), եւ Սելճուքեան ասպատակները անդադար կը դառնային, եւ կողոպտելով ու գերելով ետ կ՚երթային: Չմնաց քաղաք, չմնաց գաւառ Հայաստանի մէջ, որ անոնց բռնութեան եւ դառնութեան զոհ չերթան: Իրենց արշաւանքը ընդարձակելով Սեբաստիոյ վրայ ալ եկան, եւ քաղաքը պաշարեին յօր բարեկենդանի Վարդավառին, 508 տրէ 30-ին, որ է 1059 Յուլիս 4-ին, եւ աւուրս ութ ամէն խժդժութիւն գործելէ ետքը մեկնեցան անթիւ եւ անհամար գերութեամբ (ՈՒՌ. 161): Ատոմ եւ Աբուսահլ պարտաւորուեցան Խասարտանէք բերդը ապաւինիլ, մինչեւ հրոսակը հեռանար, զի անպարիսպ էր քաղաքն Սեբաստիա (ՈՒՌ. 160): Որչափ ալ մեր պատմագիրներուն ժամանակագրական հաշիւները խիստ ճշդութիւն մը չունենան, սակայն Խաչիկի Կոստանդնուպոլիս տարուիլը 864) յայսմ ժամանակիս ըսուելէն (ՈՒՌ. 164), ի դէպ է հետեւցնել, թէ Խաչիկ դեռ Սեբաստիա էր, այդ աղէկտուր արկածին ատենը, որով առաջին արկածին վրայ աւելցած կրկին արկածներ եղած կ՚ըլլան Տուկիծի բռնութիւնները: Մեր նպատակէն դուրս է մանրամասնօրէն յառաջ բերել այդ աղէտներուն շարքը, որոնք երբեք չընդհատեցան, եւ Տուկիծի կողմէն դիմադրութեան համար ղրկած գունդերն ալ օգուտ մը չունեցան, եւ աւերածն ու կոտորածը միեւնոյն կերպով շարունակեց մինչեւ Տուղրիլի մահը 1064-ին, որուն յաջորդեց իր եղբայրը (ՈՒՌ. 173) կամ հօրեղբօրորդին (ՎԱՐ. 101) Ալփասլան, եւ նորոգեալ ոյժերով արշաւանքները սաստկացուց անմիջապէս: Աղուանից կամ Գուգարաց թագաւորն Կորիկէ, Անհողինի որդին, հազիւ անոր բռնութենէն ազատեցաւ, իր աղջիկը Ալփասլանի կնութեան տալով (ՈՒՌ. 174): Կարսի թագաւոր Գագիկ Աբասեանն ալ սեւազգեաց եւ սգազգեաց ներկայանալով Ալփասլանի դեսպանին, Տուղրիլի մահուան համար սուգի մէջ ըլլալը կեղծեց, եւ անով Ալփասլանի համակրութիւնը գրաւելով, եւ հարիւր հազար դահեկան ծախքով Ալփասլանի սեղան մը տալով` վերահաս վտանգէն ազատեցաւ (ՈՒՌ. 180): Բայց անմիջապէս բանագնաց եղաւ Տուկիծի հետ, Կարսը Յոյներուն յանձնեց, եւ փոխանակ առաւ Ծամնդաւ, Լառիս, Ամասիա եւ Կոմանա քաղաքները` շրջակայ հարիւր գիւղերով (ՎԱՐ. 102), ըստ այլոց նաեւ Կեսարիա եւ Խաւարտանէք քաղաքները (ՍՄԲ. 78): Ասոնցմէ Լառիսը, Սենեքերիմի տրուած սահմաններուն մէջ ալ յիշեցինք 824), եւ Ծամնդաւը անոր որդւոյն Դաւիթի տրուածներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Կեսարիան եւ Խաւարտանէքը 829): Կ՚երեւի թէ ժամանակ անցնելով փոփոխութիւններ կրած էին Արծրունիներուն տրուած քաղաքները, որովհետեւ դեռ անոնց թագաւորութիւնը վերջացած չէր, երբ Գագիկ Աբասեան ալ այս կողմ անցաւ: Ըստ այսմ Գագիկ Աշոտեանն ալ համրելով, երեք Հայ իշխանութիւններ եղան Փոքր Հայոց մէջ, իրարու մօտաւոր, եթէ ոչ իրարու կից եւ սահմանակից:

868. ԽԱՉԻԿ Ի ԹԱՒԲԼՈՒՐ

Երբ այդ եղելութիւնները կը կատարուէին, Խաչիկ արդէն ազատած էր Կոստանդնուպոլսոյ բանտարգելութենէն, եւ դարձած էր հայաբնակ կողմեր, եւ հաստատուած էր ի Տարընտայ կամ Տարանտիա, այժմ Տարենտէ, ուր Տուկիծ երկու վանս շնորհած էր իրեն: Պատմիչը կը յաւելու թէ կայսրը տուած էր եւս Խաչիկի զոր ի Հայս իւրեանց տեղիք էին (ԼԱՍ. 73), որով կրնանք իմանալ ներքին գաւառներու մէջ գտնուող կալուածները, այլ արգելեալ էր կաթողիկոսին այն կողմեր երթալ, հարկաւ միեւնոյն ապստամբութեան կասկածով, զոր Պետրոսի վրայ ալ ունեցած էին 852), եւ Խաչիկի վրայ աւելի եւս կրնային կասկածիլ: Խաչիկի նոր հայրապետական աթոռանիստը կը կոչուի Թաւբլուր (ՈՒՌ. 165), որ պէտք է ըլլայ Տարանտիոյ մօտ իրեն համար որոշուած երկու վանքերէն մին, որ այնուհետեւ հայրապետանոցի ձեւն է առած: Դիտելի է միայն, որ Խաչիկի բնակավայր նշանակուած Տարանտիա, երեք Հայ իշխանութիւններէն, ոչ մէկուն մէջ յիշուած է, որովհետեւ անոնց սահմաններէն դուրս, յոյն կուսակալութեան մը մէջ կը մնար, ի սահմանս Կոկիսոնի (ՍՄԲ. 75), որով Խաչիկի խստագոյն հսկողութեան ներքեւ դրուած ըլլալը կը հետեւի: Իսկ Խաչիկի Թաւբլուրի մէջ անցուցած ժամանակը որոշակի նշանակուած է զամս երիս, եւ այս երեքը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անցուցած տարիներուն հետ գումարելով, ընդ ամենայն վեց ամ կալեալ կ՚ըլլայ զաթոռ հայրապետութեան (ՈՒՌ. 165): Ուռհայեցիին այս հաշիւը մանրամասնեալ ըլլալուն, աւելի ճիշդ կ՚երեւի քան ուրիշի մը սակաւ ժամանակս ըսելը (ԿԻՐ. 54), կամ միայն ամս երկու տալը (ՎԱՐ. 99), որ կրնայ Թաւբլուր մնացած ժամանակին վրայ մեկնուիլ. կամ ուրիշի մըն ալ ամս Է գրելը (ՍԱՄ. 112) ուր յարմարագոյն կ՚ըլլար ամս Ե կարդալ, թուատառերու սովորական փոխանակութեամբ: Իսկ տարիներու գումարները պէտք չէ երբեք նոյնչափ լրացեալ տարիներու վրայ հասկնալ, ինչպէս քանիցս յիշեցինք, քանի որ մեր պատմագիրներ երբեք ամիսներու եւ օրերու կոտորակներ չեն յիշեր, եւ միշտ տարիներու թիւերը կու տան մերձաւոր հաշիւներով: Խաչիկի Թաւբլուրի մէջ եղած միջոցէն բնաւ գործունէութեան յիշատակներ պատմուած չեն, մէկ կողմէն կայսերական կասկածոտ ճնշում, միւս կողմէն ամենասաստիկ տեղացող արկածներ եւ տագնապներ, հարկաւ յարաբերութեանց վրայ ալ ազդեցութիւն ունեցան, որով Խաչիկ վշտալից ականատես մը կ՚ըլլար վերահաս թշուառութեանց, եւ ոչ թէ ազատ գործիչ մը, բաւական սեպելով ցրուեալ եւ վարատեալ, տառապեալ եւ մահացեալ հօտին հնարաւոր պաշտպանութիւններն ընել, եւ գոնէ հոգեւորական դարմանները ընձեռել:

869. ԱՆԻԻ ԱՌՈՒՄԸ

Այդ միջոցին տեղի ունեցած եղելութեանց նշանաւորագոյնն է Անի քաղաքին Ալփասլանէ գրաւումը Յոյներու ձեռքէն, որուն մանրամասնութիւնները ընդարձակ տուած են մեր պատմագիրները, Լաստիվերտցին (ԼԱՍ. 125), Ուռհայեցին (ՈՒՌ. 176) եւ ուրիշներ: Եղելութեան ճիշդ թուական պէտք է ընդունիլ 1065 թուականը, այսինքն Ալփասլանի իշխանութեան բարձրանալուն յաջորդ տարին զոր վերջին պատմագիրներ ճշդած են 1064-ին: Ալփասլան իր առաջին արշաւանքը լրացնելէն ետքն է 867), որ միւս տարին Անիի վրայ եկաւ, ինչպէս որոշակի կը գրուի (ՈՒՌ. 175), եւ Անեցին ալ 514=1065 տարին կը նշանակէ (ՍԱՄ. 112): Հետեւաբար պէտք չէ պնդել ոմանց 513=1064 թուականը յիշելուն վրայ (ԼԱՍ. 127), ուր թերեւս նորէն Գ եւ Դ թուատառերու փոխանակութիւնը պէտք է ենթադրենք: Եւ ոչ ալ պէտք է հիմնուիլ Յովհաննէս Սմբատի մահուընէն 23 տարի ետքը (ՎԱՐ. 102), կամ Յունաց տիրապետութենէն 21 տարի ետքը (ԿԻՐ. 52) ըսուելուն վրայ, թէպէտեւ այդ թուականներն ալ շատ տարբերութիւն չունին, եւ մերձաւորաբար 1065 տարւոյն հետ կը համաձայնին: Պաշարման տեւողութիւնը եղած է 25 օր (ԿԻՐ. 52), իսկ քաղաքին գրաւման օրը, ըսուած է ի տօնի Տիրամօրն յաւուր երկուշաբաթոջ (ՍԱՄ. 112), որ է ըսել Վերափոխման տօնին երկրորդ օրը, 1065 Օգոստոս 15, կամ 514 արաց 16, եւ պաշարումը սկսած կ՚ըլլայ Յուլիս 21-ին: Անիի առումին 513 մարերի 30-ին նշանակուած ըլլալը (ՉԱՄ Բ. 982) պատմագիրներուն մէջ չհանդիպեցանք, իսկ նոյն օրը 1064 Յունիս 6-ին համեմատելը անհամաձայն է շարժական տոմարին, որուն համեմատ կը պատասխանէ 1064 Դեկտեմբեր 29-ին: Եղելութեան պարագայից գալով աղեխարշ են պատմագիրներուն յառաջ բերած մանրամասնութիւնները, որոնք կը վկայեն, թէ սկսան զամենայն քաղաքն առհասարակ կոտորել անողորմաբար. եւ որպէս զքարակոյտս ի վերայ միմեանց կոյտ արարին, եւ առվայր մի ծովացաւ ամենայն քաղաքն արեամբ, եւ ամենայն մեծամեծ իշխանքն տանն Հայոց եւ դասք ազատացն երկաթի կապանօք կային առաջի սուլտանին, եւ կանայք գեղեցիկք եւ ահարկուք ի փառաւոր տանէն վարեցան ի Պարսիկս ի գերութիւն, եւ անհամար մանկունս լուսատեսիլս եւ վայելուչս աղջկունս տարան զհետ մարցն, եւ բազում սրբասնունդ քահանայք այրեցան հրով, նաեւ զոմանս մինչեւ ցգլուխ քերթեալ չարաչար խոցուածով, որ եւ տեսողացն սոսկալի էր (ՈՒՌ. 179): Վտակ մեծ, որ անցանէ առ քաղաքաւն ներկած էր արեամբ, եւ գազանք վայրի եւ ընտանի եղեն գերեզման դիականցն (ԼԱՍ. 128): Ալփասլան հազար այր զենու ի փոս մի, եւ լոգանայ յարիւն, զոհ մեռելոց իւրոց արարեալ (ՎԱՐ. 101): Այսչափ անգթութեանց մէջ յատկապէս կը յիշուի եւս, որ այն աւարառուներէն մէկը յատկապէս վեր բարձրանալով զծանրագին խաչն որ կայր ի գումպէթն եկեղեցւոյն ընկեց յերկիր (ՈՒՌ. 179), եւ թէ զխաչն զարծաթին զոր ընկեցին, որ էր մարդաչափ մի, տարան եդին ի կոխ դրան ի դուռն մզկիթին Նախջուան քաղաքին, որուն համար Ուռհայեցին կը վկայէ, թէ կայ մինչեւ ցայսօր (ՈՒՌ. 180): Խաչ կործանողը, գմբէթին վրայէն իջած ատեն, մտեալ ի դրանն որ կայր ի գումպէթն եկեղեցւոյն, պըլօր կանթեղն ընկեց ի մէջ եկեղեցւոյն եւ մանրեաց, զոր Սմբատ Տիեզերակալն էր բերել տուեալ ի Հնդկաց ընդ բիւր մի գանձուց (ՈՒՌ. 179): Եթէ բոլոր պատմագիրներն ալ ընդօրինակենք, ըստ արժանւոյն նկարագրած չենք ըլլար Անիի կրած հարուածին մեծութիւնը: Լաստիվերտցին թշուառութիւնները նկարագրելէ ետքը, բնաւ գութ չի զգար կարծես, եւ կ՚աւելցնէ թէ այս է բաժին անիրաւ քաղաքաց: Բայց իր միտքն է ոչ թէ Հայերը, այլ տիրապետող Յոյները դատապարտել, զի կը յարէ, որ շինեն զինքեանս արեամբ օտարաց եւ ի քրտանց տնանկաց փարթամանան (ԼԱՍ. 129) եւ բոլորովին խիստ կերպով կը դատէ Անին, եւ ոչ այն խղճացող ոճով` որով Արծնի առումն էր պատմած (ԼԱՍ. 68): Անիի այս կործանումը` վերջնականը չէ, եւ այս օրէն չի սկսիր Անիի աւերակ եւ անմարդաբնակ վիճակը, զի տակաւին շարունակեց իբր բնակելի քաղաք մը ըլլալ, մինչեւ իր սպառսպուռ կործանումը:

870. ԽԱՉԻԿԻ ՄԱՀԸ

Անիի կործանումէն ետքն է որ Ուռհայեցին կը գրէ թէ սուգ ունէր ի սրտի իւրում տէր Խաչիկ, յիշեալ զաւերումն հայրապետական աթոռոյն տանն Հայոց (ՈՒՌ. 184), որով կը յայտնէ թէ այդ մեծ կսկիծն ալ զգաց Խաչիկ, երբ տակաւին վշտակիր կեանք կ՚անցընէր Թաւբլուրի մէջ: Քանի որ միեւնոյն 1065 տարին Խաչիկի մահուան թուական կ՚ընդունինք, բնական է հետեւցնել, թէ այդ ցաւն ալ իր մասն ունեցաւ անոր մահը փութացնելու մէջ: Բոլոր պատմական պարագաները զննելով չենք կրնար Խաչիկի յառաջացեալ ծերութեան տարիք վերագրել, եւ կը կարծենք թէ շուրջ վաթսուն տարեկան եղած ատենները եկած է մահը կարճել արի եւ անընկճելի կեանք մը, որ շարունակ նեղութեանց եւ փորձութեանց շարք մը եղաւ, սկսելով այն օրէն, որ իր մօրեղբօր Կոստանդնուպոլիս տարուելուն առթիւ, կաթողիկոսական պաշտօնին ծանրութիւնը ստանձնեց, եւ որուն երբեք փառքն ու վայելքը չտեսաւ: Մահը եղած է անշուշտ Թաւբլուրի մէջ, միեւնոյն 1065 տարւոյ ամառուան վերջերը, եւ գերեզմանն ալ հաւանաբար նոյն տեղ եղած պիտի ըլլայ, թէպէտ որոշակի գրուած չենք գտներ: Խաչիկի կաթողիկոսութիւնը որչափ եւ կարճատեւ եղած է եւ փայլուն գործունէութեան արդիւնքներ չէ ունեցած, բայց մեր տեսութեամբ այնպիսի պարագաներ կը պարունակէ, որ Խաչիկի անձնաւորութեան վրայ բարձր գաղափար մը կը ներշնչէ մօտէն դիտողին: Փայլուն երեւոյթներէ շատ աւելի բարձր են վիշտերու շարքերը, երբոր անոնց ներքեւ գտնուողը անընկճելի արիութեամբ կը դիմադրէ, իրեն յանձնուած աւանդին դէմ չի մեղանչեր, իր պաշտօնին բարձրութիւնը չի ստորնացներ: Այդ խորհրդածութիւնները աւելի կը հաստատուին երբոր կը բաղդատենք իր ընթացքը, իր մօրեղբօր Պետրոս կաթողիկոսին ընթացքին հետ, եւ կը տեսնենք Խաչիկը ամէն շահախնդրութենէ հեռու, ուղիղ դաւանութեան վրայ ամուր, իր հայրենիքին պաշտպան, իր հօտին վրայ գուրգուրացող, կատարեալ խոստովանող մը, արդարութեան եւ հաւատքի համար չարչարանաց տոկացող, իրաւցնէ երանելի անձն, եւ մեծի Լուսաւորչին մերոյ փոխանորդ (ԼԱՍ. 73):

871. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՔԸ

Կոստանդին Տուկիծ կայսր, որ իր իշխանութեան առջի օրէն խորհեցաւ խորհուրդ չար, եւ կամեցաւ բառնալ եւ խափանել զաթոռ հայրապետութեան սրբոյն Գրիգորի ի տանէն Հայոց (ՈՒՌ. 164), որ այս նպատակով Խաչիկը Կոստանդնուպոլիս տարաւ ու նեղեց 864), եւ չկրցաւ նպատակին հասնիլ, բարեդէպ առիթ նկատեց Խաչիկի մահը իր դիտումը գլուխ հանելու, եւ հրաման հանեց նոր ընտրութիւնը արգիլել, ինչ որ դժուար պիտի չըլլար, քանի որ բոլոր Հայ իշխաններ Փոքր Հայոց մէջ փոխադրուած` իր անմիջական իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէին: Խաչիկ չմտածեց, կամ թէ պատեհ չունեցաւ, իր կենդանութեան աթոռակից կաթողիկոս մը օծել, որ նովին իսկ իր մահուընէ ետքը աթոռին յաջորդ հռչակուէր, ինչպէս ինքն էր եղած: Հետեւաբար իր մահուընէ ետքը Հայոց հովուացն վախճանեալ, տուն Պետրոսեան ի բաց բարձեալ եղաւ: Վերջին կաթողիկոսներ Անանիա, Խաչիկ, Պետրոս եւ երկրորդ Խաչիկ, իրարու ազգական էին, եւ ազգին մէջ կաթողիկոսական տուն մը կազմուած էր, զոր Պետրոսեան կը կոչէ Շնորհալին, վերջին երկարակեացին անունէն առնելով: Այս տունն է որ ընդհատուեցաւ, որով Յունացն ընդ մեզ զչարեալ, այլում լինել թոյլ ոչ տուեալ, զի անտէրունջք ասեն եղեալ, լիցին ի կրօնս մեր դարձեալ (ՉԱՓ. 544): Քանի որ Հայերը քաղկեդոնիկ ընելու միջոց մը պիտի ըլլար ընտրութեան խափանումը, պէտք էր օգտուիլ պարագայէն եւ գործին պաշտօնական ձեւ մը տալ, դէմդէմի գալով եւ համերաշխ որոշումի յանգելով: Պատմութեան մէջ կը գտնենք, որ Տուկիծ իրեն մօտ կը հրաւիրէ Սեբաստիոյ Ատոմ թագաւորը եւ անոր Աբուսահլ եղբայրը այս տեսակ միաբանութիւն մը կնքելու համար: Արդ քանի որ միաբանական խնդիրը եկեղեցական էր, գլխաւորապէս հայրապետին հետ պէտք էր բանակցիլ, մինչ բնաւ հայրապետի անուն չտրուիլը եւ բոլոր աշխարհական անձերու եւ թագաւորական իշխաններու հետ այդպիսի բանակցութեան ձեռնարկուիլը, ինքն ըստ ինքեան կը հաստատէ, թէ այդ միջոցին կաթողիկոս չկար, եւ նոր ընտրութեան վրայ համաձայնելու պատրուակով էր, որ Տուկիծ Կոստանդնուպոլիս կը գումարէր Փոքր Հայոց իշխանները:

872. ՆՈՐԱՆՈՐ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ

Առաջին հրաւէրը կ՚ուղղուի Ատոմ Արծրունիին, որ տարիքով երիցագոյնն էր Հայ իշխաններուն մէջ, բաւական ատեն էր որ Յոյներու մէջ կ՚ապրէր, եւ աւելի ընտանեցած անոնց հետ, Տուկիծ կրնար յուսալ` անկէ սկսելով իր նպատակը դիւրացնել: Ատոմ եւ Աբուսահլ եղբայրը Կոստանդնուպոլիս եկան իրենց հետ բերելով Յակոբ Քարափնեցի վարդապետը` Սանահին վանքի միաբաններէն, բայց երբոր լսեցին Տուկիծի առաջարկները, հրաժարեցան իրենք իրենցմէ գործը վճարել, պատճառելով թէ Գագիկ Աշոտեան որ Պիզու կը մնար, գլխաւոր ձայնն ունէր այդ գործին մէջ, իբրեւ թագաւոր Անւոյ, եւ իբրեւ Շահնշահ կամ գլուխ բոլոր Հայ իշխաններուն (ՈՒՌ. 192): Տուկիծ գոհ չմնաց Արծրունիներուն դրած պայմանէն, վասնզի Գագիկ ծանօթ էր իր բուռն բնաւորութեամբը, եւ միանգամայն այր հզօր էր յիմաստասիրական ջոկսն: Բայց Ատոմ եւ Աբուսահլ պնդեցին իրենց պատասխանին վրայ եւ գաղտ խնդիր հանին Գագկայ, որ այս միջոցին Կալոնպազատ կը գտնուէր (ՈՒՌ. 193): Գագիկ Աբասեանի անունը տըրուած չէ այդ պատմութեան կարգին, սակայն ուրիշ կողմէ յիշուած է, թէ նա գնացեալ է առ կայսրն, Գրիգոր Վկայասէրի ձեռնադրութենէն առաջ (ՎԱՐ. 102), որ ճիշդ այդ միջոցին կ՚իյնայ: Միւս կողմէն հնար ալ չէ, որ երբ Սեբաստիոյ եւ Պիզուի Հայ իշխանները կը հաւաքուին, Ծամնդաւի Հայ իշխանը մէկ կողմ թողուած ըլլայ, որ քիչ առաջ փոխանակած էր իր Կարսի թագաւորութիւնը, եւ որուն պատշաճ էր անձամբ ալ կայսեր ներկայանալ: Այդ վերջին առիթը յայտնապէս կը հետեւի Գագիկ իր Մարիամ թագուհւոյն հետ Կոստանդնուպոլիս եկած ըլլալու պարագայէն (ԿԱԼ. 225): Ըստ այսմ մենք վստահաբար պիտի ըսենք, թէ Տուկիծ բոլոր Հայ իշխանները իր մօտ ունեցաւ, երբոր կամէր չար միաբանելովք իւրովք բառնալ զՀայոց հաւատոյ դաւանութիւնն, եւ խորհէր եղծանել ապականութեամբ զհաւատս սուրբ Լուսաւորչին (ՈՒՌ. 191): Քաղկեդոնիկ դաւանութիւն ընդունելու պայմանը անշուշտ միացած էր նախապէս Խաչիկի առաջարկուած` հարկ վճարելու կամ Յունաց հայրապետութեան հպատակելու առաջարկին հետ 864), եւ պէտք էր որ առաջ ասոնք գործադրուէին, որպէս զի կայսրը հաճէր նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը արտօնել: Գագիկներու գալուն սպասելով` Ատոմի եւ Աբուսահլի ամէն բանակցութենէ խուսափած միջոցին, Տուկիծ յաջողեցաւ իր կողմը շահիլ Քարափնեցի վարդապետը, որ թէպէտ արար դիմադրութիւն բազում յամենայն հարցմունսն` ընդդէմ Հոռոմոց, սակայն վերջէն վերջ յաղագս երկուութեանն Քրիստոսի` ի կողմն Հոռոմոց դարձաւ, եւ այդ իմաստով գրեաց գիր միաբանութեան Հայոց եւ Հոռոմոց, զոր Տուկիծ իբրեւ հեղինակաւոր մի փաստ, եւ իբրեւ պաշտօնական մի վաւերագիր հրամայեաց պահել զգիրսն ի Սուրբ Սոփի (ՈՒՌ. 194), որ է հայրապետական դիւանը:

873. ԳԱԳԻԿԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆԸ

Ասոր վրայ կը հասնի Գագիկ Աշոտեան, իբրեւ զարծիւ թռուցեալ, եւ Տուկիծ անոր կը ներկայացնէ Քարափնեցիին գրուածը, իբրեւ կատարեալ մի գործողութիւն, որուն Գագիկ պէտք էր համակերպեր: Գագիկ ընդհակառակն բացարձակապէս կը մերժէ զայն, եւ մինչեւ իսկ կը պատռէ զայն առաջի թագաւորին յերկուս ծուէնս (ՈՒՌ. 194), կը յայտարարէ թէ պարզ վարդապետի մը կարծիքը նշանակութիւն չի կրնար ունենալ, թէ բոլոր Հայոց վարդապետներ հակառակ են անոր գրածին, թէ ինքն ալ հմուտ է եկեղեցական եւ դաւանական խնդիրներու, եւ կարող է Հայ եկեղեցւոյ ուղիղ դաւանութիւնը պաշտպանել: Նոյն համարձակութեամբ Քարափնեցին ալ կը յանդիմանէ իր յանդգնութեան համար (ՈՒՌ. 195): Գագիկի համար գրուած է, թէ այնչափ զօրաւոր էր եկեղեցական ուսմանց մէջ, որ ի Սուրբ Սոփի ի յամբիոնն նստէր ընդ ամենայն վարդապետսն Հոռոմոց (ՈՒՌ. 193), այսինքն թէ հայրապետական կաճառին մէջ վիճելու կարողութիւնն ունէր: Գագիկ ոչ միայն ջատագովական ոճով խօսեցաւ դէմ յանդիման թագաւորին Տուկծին, եւ ի մէջ ամենայն հռետոր վարդապետացն տանն Յունաց (ՈՒՌ. 214), այլեւ գրեաց գիր հաւատոյ ձեռամբ իւրով, որուն պատճէնն ալ յառաջ կը բերէ պատմագիրը (ՈՒՌ. 195-214): Գիրը ուղղուած է կայսեր հասցէին, եւ առաջ կը խօսի Երրորդութեան, արարչութեան եւ Հոգւոյն Սրբոյ վրայ, եւ մարդեղութեան վրայ խօսած ատենը կը յիշէ եւ կը հերքէ Վաղինտիանոսի, Մարկիոնի, Մոնտանոսի, Մանիի, Նավատիոսի, Սաբելիոսի, Արիոսի, Վոտինոսի, Նեստորիոսի, Եւտիքէսի, Հայ Սարգիսի, Պօղոս Սամոստացիի, եւ Պետրոս Կնափեցիի վարդապետութիւնները, եւ կը յաւելու նոյնպէս եւ զԴէոսկորոսն, եթէ խորհեցաւ ինչ այսպէս հերձուածս (ՈՒՌ. 200), որով կը ճշդուի Հայոց դաւանութեան Կիւրեղի, եւ ոչ Դէոսկորոսի գրութեան վրայ հաստատուած ըլլալը: Անկէ կ՚անցնի բնութեանց միաւորութեան կէտերը պարզել Նէոկեսարացի ու Նիւսացի ու Նազեանզացի Գրիգորներու վկայութիւններով, մի առ մի յառաջ կը բերէ այդ միաւորութեան շուրջը յուզուած խնդիրները, եւ յստակօրէն կը բացատրէ Հայ եկեղեցւոյ տեսութիւնները, եւ կը հերքէ անուղիղ հետեւանքները: Յետոյ կը խօսի Բաղարջ հացին եւ անապակ բաժակին վրայ: Ծնունդը Յունուար 6-ին տօնելու հաշիւը կը բացատրէ այն ենթադրութեամբ, թէ Զաքարիա քահանայապետ էր եւ քաւութեան տօնին առթիւ տաճարը կը գտնուէր: Գրուածը կը վերջանայ Առաջաւորաց պահքին բացատրութեամբ եւ սուրբ Սարգիսի անձին մասին ծանօթութիւններով. եւ ցրելով այդ մասին Յոյներուն խօսած առասպել զրոյցները: Պատմագիրներուն գրածին համեմատ Կոստանդին Տուկիծ կայսր եւ Յովհաննէս Քսիփիլինոս պատրիարք` որք լսեցին Գագիկի խօսածները եւ կարդացին գրածները, եւ ամենայն իմաստասէրքն որ նստէին ի ճեմարանին, յոյժ հաճեալ հիանային ընդ կորովութիւն, բանիցն (ՈՒՌ. 214). եւ թէ ոչ կարացին արատ եւ կամ բիծ երկբայութեան գտանել հերձուածոյ` ի հաւատոյ խոստովանութեանն Հայոց (ՈՒՌ. 215):

874. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հաւանական չէ որ Յոյները հաւանած ըլլան Հայոց վարդապետութեան եւ ընդունած ըլլան անոնց ուղղափառութիւնը, քանի որ յայտնի են անոնց մոլեռանդ զգացումները, բայց շատ հաւանական է, որ հարկ սեպած ըլլան լռել եւ ընտրութիւնը թոյլատրել, տեսնելով Հայոց կողմէն յայտնուած հաստատամտութիւնը, եւ խիթալով որ նոր խառնակութիւններ տեղի չտան աւելի ծանր խնդիրներու, որոնք կրնան Հայերը խրտչեցնել, եւ նորանոր տագնապներ պատճառել կայսրութեան: Ուստի Յոյներ խոհեմութիւն սեպած կ՚ըլլան իրենց պահանջքներուն վրայ չպնդել, եւ զիջողութեան ձեւով փակել խնդիրը, զոր Հայերը կրնային այլապէս նկատել, եւ ըսել թէ Գագիկ հաւանեցոյց զթագաւորն եւ զպատրիարքն, եւ արարինս էր (ՍՄԲ. 80): Բայց եթէ Գագիկ Կոստանդնուպոլիսէ դարձաւ զայրացեալ ընդ Յունաց (ՈՒՌ. 216), եւ եթէ յամենայն իջեւանսն ընդ որ գայր, հրամայեաց ամենայն զօրացն Հայոց խայտառակել Յոյները, եւ եթէ խորհեցաւ այլ ոչ մտանել բնաւ ի Կոստանդնուպոլիս (ՈՒՌ. 217), հաւանական չ՚երեւիր ըսել, թէ կատարեալ սիրով եւ խաղաղութեամբ վերջացած ըլլայ Գագիկի եւ Տուկիծի միջեւ տեղի ունեցած միջադէպը: Վարդանի պատմութեան համեմատ, Գագիկ Աբասեանն է, որ գնացեալ առ կայսր, խնդրէ հրամանս ձեռնադրել Հայոց պատրիարք (ՎԱՐ. 102), եւ ժամանակներուն մօտաւորութիւնը նկատի առնելով, կրնանք ըսել թէ Գագիկ Աշոտեան, հետեւելով իր բուռն բնաւորութեան Կոստանդնուպոլիսէ մեկնեցաւ, Հայոց ընդդիմութեան մասին ազդեցիկ տպաւորութիւն մը թողլով, եւ ընտրութեան մասին արգելքները դեռ չփարատած, եւ թէ անկէ ետքը Գագիկ Աբասեան գործը ձեռք առաւ, եւ հաշտարար կերպով Տուկիծը հաւանեցուց, թէ օգտակար պիտի չըլլայ արգելքը շարունակել: Այս յաջողութեան օգնեց եւս Մարիամ թագուհի զոր Գագիկ Աբասեանի կինը, քան թէ դուստրը, կը կարծենք (ԿԱԼ. 225), որ իր միջամտութիւնը գործածեց Եւդոքսիա կայսրուհւոյն մօտ, որուն սէրն ու մտերմութիւնը գրաւած էր, եւ այսպէս հնար եղաւ կաթողիկոսական աթոռին տեւական պարապութեան վտանգին առաջքն առնել: Վերջապէս Տուկիծ արար մեծ սէր եւ ընդունելութիւն, եւ շնորհեաց բազում պարգեւս Գագկայ, ի հարկէ Աբասեանին, եւ Ատոմայ եւ Աբուսահլի եւ այլոց իշխանացն, որոնք դարձան իրենց տեղերը նոր կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման արտօնութիւնն ստացած:

875. ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Գագիկ երբոր Տուկիծի առջեւ Քարափնեցիին յայտարարութիւնը կը հերքէր, յիշած էր թէ բազումք կան յաշխարհն Հայոց կատարեալ վարդապետք որք ոչ ընդունին, եւ ոչ ոք հնազանդի գրոյս այս (ՈՒՌ. 195): Պատմագիրը առիթ առնելով այդ խօսքէն, նոյն ժամանակին ծաղկած ուղղափառ վարդապետներու ցուցակ մը կը դնէ (ՈՒՌ. 215), զոր մենք ալ այստեղ առջեւ կը բերենք, թէպէտ շատերուն անունները ուրիշ կողմէն անծանօթ են: Տիրան Կապանեցի, հաւանաբար նոյն այն Տիրան վարդապետն է, ուսկից ինչ ինչ հատակտորներ կը գտնուին գրչագիրներու մէջ (ՀԻՆ. 793): Սայլահանն կամ Լաստիվերտցին, յայտնապէս ծանօթ պատմագիր Արիստակէս վարդապետն է, Կարնոյ դաշտի Լաստիվերտ գիւղէն, որ Սայլահան ալ կոչուած է, եւ այսօր ալ Սալաձոր կը կոչուի: Ատոմ Անձաւեցին, զոր պէտք է Անձեւացի կարդալ, եւ կը լինի նոյն ինքն Ատոմագիրքին ծանօթ հեղինակը: Անանէ եւ Գրիգոր Նարեկացի ըսուածները` Անանիա Նարեկացի 790) եւ Գրիգոր Նարեկացի 813) յայտնի անձերն են: Սարգիս Սեւանեցի մը յիշուած է Մագիստրոսի թուղթերուն կարգին, եւ իբր մտերիմ Գագիկ Աշոտեանի (ՄԱԳ. 66), եւ հաւանաբար նոյնն է Ուռհայեցիին յիշածն ալ, բայց անհնար չէր Սարգիս Սեւանցի կաթողիկոսին վրայ ալ իմանալ: Յովսէփ Ընծայեցին մեր տեսութեամբ Յովսէփ Հնձացին է, անունի աղաւաղութեամբ շփոթուած: Գէորգ Ուծեցին պէտք է նոյն համարիլ Գէորգ Ուռհայեցիին հետ, զոր նոյն ինքն Ուռհայեցին գովութեամբ կը յիշէ (ՈՒՌ. 295): Դէոսկորոս Սանահնեցին, Պետրոսի հակաթոռ կաթողիկոս եղողն է 835), որ իբր ուղղափառ վարդապետ իր համբաւը պահած է: Անանէ Հաղբատցին կ՚երեւի թէ Անանիա Սանահնեցին է, որ այս միջոցիս ծաղկեցաւ, որուն զանազան գրուածներն ալ կան (ՀԻՆ. 588), եւ որ Մագիստրոսի հետ ալ կը թղթակցէր (ՄԱԳ. 116): Յակոբոս Քարահատեան կամ Քարահատայ որդին, բոլորովին անծանօթ անուն է, եւ հնար չէ Քարափնեցիին հետ նոյնացնել, քանի որ ասոր տկարանալն ալ պատմուած է 872): Անտոն վարդապետ մը բնաւ ծանօթ չէ: Տիմոթէոս վարդապետ մը կայ յիշուած, որ Արարածոց կամ Ծննդոց գիրքն է մեկնած, բայց քիչ մը աւելի ուշ է ապրած (ՀԻՆ. 793): Յովհաննէս Կոզեռնը առիթ ունեցանք պատմութեանս կարգին ալ յիշել` իբրեւ Պետրոսի ուղեկից 827), եւ իբրեւ խաւարումը մեկնող 855), եւ որուն աշխատութիւններն ալ կը յիշուին (ՀԻՆ. 570): Այդ կարգին կը յիշուին եւս Պօղոս եւ Յովսէփ եւ Յովհաննէս վարդապետներ, զորս հնար չէ ծանօթացնել ուրիշ պարագայ մը յիշուած չըլլալուն, Գէորգ Թամռեցի դպրապետն ալ ուրիշ կողմէ ծանօթ չէ, իսկ Պարկճակ յայտնի ալ չէ թէ ինչ տեսակ անուն է, եւ ինչ աստիճանի անձ մը: Սակայն ամէնն ալ արդիւնաւոր անձեր ըլլալու են, եթէ անյաղթք կը կոչուին, իբր հաւատոյ անընկճելի ախոյեաններ, որք կային լցեալք աստուածային շնորհօքն, որք երեւեցան յաշխարհս Հայոց յայսմ ժամանակի (ՈՒՌ. 216):