15.
ԱՌ
ԿՈՅՍՆ
Ո՜հ,
ց՚ե՞րբ,
ըսէ,
կոյս,
հոգիս
ըլլայ
գեղոյդ
գերի,
Եւ
մինչեւ
ց՚ե՞րբ
թրթռան
աղիք
ցաւած
սրտիս
եւ
քնարի,
մ՚ուզեցի
քաղել
այտէդ
մէկ
թարմ
վարդ,
Ճառագայթ
մը
խնդրեցի
աչերէդ
երկնազուարթ,
Զըլացար
դու,
անգո՜ւթ,
վարդ
մը
դժգոյն
ճակտիս,
Եւ
ճառագայթ
մ՚այն
անդունդին
խոր
սրտիս.
Ո՛չ,
ես
չ՚եմ
կրնար
ապրիլ
գրկէդ,
Ծիծառնիկն
ապրի
դուրս
բոյնէն
գէթ.
Տրտմալար
քնարս
զարնեմ
ջախջախ,
Գոցեմ
սիրտըս
սիրաբախ…
Մնայք
բարով,
կո՛յս
եւ
քնա՛ր,
Կոյսին
տեղ
լա՛ց ,
քա՛ր,
Ճակատս
նըսեմ
Հանգչեցնեմ
Մաշող
Հող:
1871