26.
ԶՂՋՈՒՄ
(Օր
Մը
Վերջը)
Երէկ
երբ
պաղ
քրտանց
մէջ
Սեւ
մըրափ
մը
կ՚առնէի,
Եւ
թօշնած
զոյգ
մը
վարդեր
Այտերուս
վրայ
կ՚այրէին,
Անշուշտ
ճակտիս
վրայ
մահու
Դալկութիւն
մը
կը
,
Եւ
մահու
թռիչ
մ՚ունէի,
Լըսեցի
մօրս
հեծեծում…
Բացի
աչերըս
խոնջած,
Մօրըս
արտօսրը
տեսի՜…
Ո՜հ,
ճշմարիտ
գորովի
Մարգարիտներ
սուտ
ու
կեղծ…:
Մայրըս
անհո՜ւն
ցաւ
մ՚ունէր,
Այն
սեւ
ցաւը
ե՜ս
էի…
Ա՜հ,
գըլուխըս
փոթորկեց…
Այս
սեւ
հեղեղն
տըւի
դուրս…
Ո՜հ,
ներէ՛
ինձ,
Աստուած
իմ,
Մօրըս
արտօսրը
տեսի…: