Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
26. ԶՂՋՈՒՄ (Օր Մը Վերջը)
       Երէկ երբ պաղ քրտանց մէջ
Սեւ մըրափ մը կ՚առնէի,
Եւ թօշնած զոյգ մը վարդեր
Այտերուս վրայ կ՚այրէին,
Անշուշտ ճակտիս վրայ մահու
Դալկութիւն մը կը պլպլար ,
Եւ մահու թռիչ մ՚ունէի,
Լըսեցի մօրս հեծեծում…
Բացի աչերըս խոնջած,
Մօրըս արտօսրը տեսի՜…
Ո՜հ, ճշմարիտ գորովի
Մարգարիտներ սուտ ու կեղծ…:
Մայրըս անհո՜ւն ցաւ մ՚ունէր,
Այն սեւ ցաւը ե՜ս էի…
Ա՜հ, գըլուխըս փոթորկեց…
Այս սեւ հեղեղն տըւի դուրս…
Ո՜հ, ներէ՛ ինձ, Աստուած իմ,
Մօրըս արտօսրը տեսի…: