40.
ՀԱՅՈՒՀԻՆ
Աշնան
մէջ
էր,
երեկոյ
մը
Վերադարձիս
յԻւսկիւտար,
Օդը
պարզ
էր,
հողմը
մեղմիկ,
Ծովուն
ջուրերն
ալ
հանդարտիկ:
Շոգենաւին
սարաւանդը
Նըստած
անկիւն
մ՚առանձնակի՝
Ուշադրութեամբ
ես
նոյն
օրուան
Լըրագիրները
կարդայի:
Մէկ
մ՚ալ
յանկարծ
սանդուխէն
Վեր
ելնելու
ոտնաձայն
մը
Շըփոթեց
զիս
եւ
աչերս
Դարձուցի
դէպ
յայն
կողմը:
Հայուհի
մ՚էր
վեր
ելնողն,
Բարձրահասակ
գեղադէմ.
Անցաւ
մօտէս
նէ
սիգաճեմ,
Նստաւ
անկիւն
մ՚ինձ
դէմ
առ
դէմ:
Ո՜հ,
կարծես
թէ
նէ
երկնային
Զըւարթուն
մ՚էր
վար
իջած՝
Լոյս
սփռելու,
սէր
բուրելու,
Խըռովելու
սրտերն
այրած:
Այլ
չըգիտեմ
թէ
ինչո՞ւ
Կրկին
աչերըս
յառած՝
Իմ
վըրայ
միշտ՝
Սիրտս
էր
ամբողջ
խըռոված:
Մինչեւ
մէկ
մ՚ալ
նաւաստին
Խռպոտ
ձայնով
մը
գալով
մօտ,
Ըսաւ.
«Հասանք
յԻւսկիւտար,
Ալ
ի՞նչ
նստեր
ես
դու
հոդ»:
Վեր
վերցուցի
աչերըս,
Ոչ
տեսի
մէջ
նաւին.
Մինակ
էինք
երկուքնիս,
Մէկ
մ՚ես,
մէկ
մ՚ալ
…
նաւաստին: