37.
ԻՄ
ՄԱՀԸ
Եթէ
տժգոյն
մահու
հրեշտակ
Անհուն
ժպտով
մ՚իջնէ
իմ
դէմ…
Շոգիանան
ցաւքս
ու
հոգիս,
Գիտցէ՛ք
որ
դեռ
կենդանի
եմ:
Եթէ
սընարըս՝
իմ
տիպար
Մոմ
մը
վըտիտ
ու
մահադէմ,
Ո՜հ,
նըշուլէ
ցուրտ
,
Գիտցէ՛ք
որ
դեռ
կենդանի
եմ:
Եթէ
ճակտովս
արտօսրազօծ
Զ՚իս
պատանի
մէջ
ցուրտ
զերթ
վէմ
Փաթթեն,
դընեն
սեւ
դագաղը,
Գիտցէ՛ք
որ
դեռ
կենդանի
եմ:
Եթէ
հընչէ
տըխուր
կոչնակ՝
Թրթռուն
ծիծաղն
մահու
դժխեմ,
Դագաղս
առնէ
իր
յամըր
քայլ,
Գիտցէ՛ք
որ
դեռ
կենդանի
եմ:
Եթէ
մարդիկն
այն
մահերգակ,
Որք
սեւ
ունին
ու
խոժոռ
դէմ՝
Համասըփռեն
խունկ
ու
աղօթք,
Գիտցէ՛ք
որ
դեռ
կենդանի
եմ:
Եթ՚
յարդարեն
իմ
հողակոյտ,
Եւ
հեծեծմամբ
ու
սըգալէն
Իմ
սիրելիքը
բաժնըւին,
Գիտցէ՛ք
որ
մի՜շտ
կենդանի
եմ:
Իսկ
աննըշան
եթէ
մընայ
Երկրի
մէկ
խորշն
հողակոյտն
իմ,
Եւ
յիշատակս
ալ
թառամի,
Ա՛հ,
այն
ատեն
ես
կը
մեռնի՛մ…:
1871