29.
ՍԵ՜Ւ ,
ՍԵ՜Ւ
Երբեմն
հոգիս
աստղի
մը
բոց
Եւ
թիթեռնի
մ՚ունէր
թեւեր.
Վերջալոյսի
նըման
ամպոց
Երազներ
հո՜ւր
ճակատս
վառէր:
Արդ
սառոյցներ
դառն
արտօսրի
Կը
քարանան
կուրծիս
ներքեւ,
Եւ
բարդք
ամպոց
սեւաթորմի
Կ՚ուզեն
խեղդել
սիրտս
ու
արեւ:
Հազիւ
քանի
մ՚օրերն
կեանքիս
Ոսկեզօծեց
իմ
բախտը
վատ,
Որո՛նք
եղան
լոկ
ովասիս
Մեղմող
կեանքիս
դառն
անապատ
Մենանայի
օրեր
ցըվերջ
Երբեմն՝
հովտի
ծաղկանց
ւ՚երկնի
Ձիւնափըթիթ
ամպերուն
մէջ,
Կեանքի
մըրուրն
ես
թափէի:
Ծըծէի
սէ՜ր,
ծըծէի
կեա՜նք,
Մինչ
վերջալոյսն
կը
հըրահրէր,
«Մնաս
բարովի
»
սա
կարմրորակ՝
Տըխուր
կըրակ
ւ՚երկնի
բոցեր:
Ունէի
ես
երբեմն
առատ
Վարդեր,
առատ
աստղեր
նոյնպէս,
Ճակատագիրս
սեւ
տեսաւ
շա՜տ,
Բրցուց,
քաղեց
զ՚անոնք
սրտէս:
Ունէի
ես
իմ
սիրուհին,
Որոյ
թէպէտ
աչքն
էին
սեւ,
Սակայն
սըգալ
չը
գիտէին…
Հրեշտակ
մ՚էր
նէ,
հրեշտակ
անթեւ:
Սեւ
երազ
մը
օր
մը
դողդոջ
Մըղեց
զ՚իս
սե՛ւ
փոսի
մ՚առջին,
Ուր
քար
կտրած՝
սիրտ
ի
թնդոջ՝
Դագաղի
մ՚աչքս
յառած
էին:
Աւա՜ղ
ներա
վարդքն
ու
աստղերն
Լուռ
պիտի
տար
կուլ
այն
սեւ
փոս,
Ցուրտ
համբոյր
մը
առի
ճակտէն,
Ներա
վերջին
ձօնն
էր
ափսո՛ս:
Եւ
լըսեցի
յայնժամ՝
թի
թի
Սեւ
սեւ
հողեր
կոշտ
թնդեցին
Տըխուր
քօղքին
վըրայ
փայտի…
Դըժոխք
մ՚անէծք
այն
սե՛ւ
օրին:
Այն
ցուրտ
հողերն
յ՚իմ
դատարկ
սիրտ
Լըցուցին,
փոսն
գոցելնուն
հետ՝
Եւ
այս
աշխարհն
ալ
անժըպիտ
Գոցեցին
իմ
առջեւ
յաւէ՜տ…:
1871