Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
5. ՍԻՐԵՑԷ՛Ք Զ՚ՄԻՄԵԱՆՍ
       Վարդակարմիր Գողգոթային վեհ գագաթ
Միշտ փալփըլող, սիրոյ անշէ՛ջ ճառագայթ,
Դեռ կը սպասե՞ս թափել սրտից քու սըլաք.
Զ՚ո՞վ կը հըսկես, վիհ եւ անդո՞ւնդ, թէ կմախք.
Ո՞ր սեւ ժայռից մէջ մարեցաւ այն բեկբեկ
Բարբառն վըսեմ, թէ «ըզմիմեանս սիրեցէ՛ք»:
       Ծածկէ ամպով կարմիր կողերդ , Գողգոթա՛,
Եւ թող խայտան ցաւոտ ոսկերք սեւ Յուդա…:
Ժանգոտ ու գուլ թուրերն առին կարմիր փայլ,
Նոր կրօնին հետ արեան հեղեղն առաւ քայլ…
Թնդանօթին առջի բոմբիւնն խեղդեց սէգ
Զհագագըն քաղցր, թէ «ըզմիմեանս սիրեցէ՛ք»:
       Մարդազոհով Վատիկանի մըխացին
Ծխնելոյզքը, կամարքը «փա՜ռք» * գոռացին,
Փոխ֊Քրիստոսք խաչն ըրին դաստակ կացինի՝
Սեւ դըրօշ մը ատելութեան արիւնի.
Դարուց մոխրէն կամ ամպերէն յուսայ հէք
Զըրկեալն լըսել, թէ «ըզմիմեանս սիրեցէ՛ք»:
       Տնանկին դամբանը կ՚անհետի ոտնակոխ,
Տընակին մէջ մարի առկայծ կանթեղն հող,
Այն մութին մէջ նօթի տըղեկք կը հեծեն,
Դղեակըն խրախ մինչեւ լոյս ջահք կը հիւծեն,
Հարուստին կառք ժխորով կ՚անցնի սըրարշաւ,
Հէքին դագաղն իր գերեզման լուռ իջաւ…:
       Գեթսեմանին իջնող հրեշտակն դալկահար ,
Որ գեղ, ծաղիկ, արցունք ու փառք չը ճանչնար ՝
Նորա ցուրտ գոգն աղքատը սոսկ կ՚ըսփոփի,
Ճոխն ու տընանկ պատանին մէջ կ՚ըլլան մի.
Կայծակնաթեւ թէ մըռնչեն մրըրիկներ
Թէ «սիրեցէ՛ք զ՚իրար », հէքն հոս չեն սիրեր:
       1869