Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
25. ՏՐՏՈՒՆՋՔ
       Է՜հ, մընաք բարով, Աստուած եւ արեւ,
Որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ…:
Աստղ մ՚ալ ես կ՚երթամ յաւելուլ երկնից,
Աստղերն ի՞նչ են որ, եթէ ո՛չ անբիծ
Եւ թշուառ հոգւոց անէծք ողբագին,
Որք թըռին այրել ճակատն երկնքին.
Այլ այն Աստուծոյն՝ շանթերո՜ւ արմատ՝
Յաւելուն զէնքերն ու զարդերն հըրատ…:
Այլ, ո՜հ, ի՞նչ կ՚ըսեմ շանթահարէ զ՚իս,
Աստուա՛ծ, խոկն հըսկայ փշրէ հիւլէիս,
Որ ժպըրհի ձգտիլ, սուզիլ խորն երկնի,
Ելնել աստղերու սանդուղքն ահալի…:
Ողջո՜յն քեզ, Աստուած դողդոջ էակին,
Շողին, փըթիթին, ալւոյն ու վանկին,
Դու որ ճակտիս վարդն եւ բոցն աչերուս
Խըլեցիր թրթռումս շրթանց, թռիչն հոգւոյս,
Ամպ տըւիր աչացս, հեւք տըւիր սրտիս,
Ըսին մահուան դուռն ինձ պիտի ժպտիս,
Անշուշտ ինձ կեանք մը կազմած ես ետքի,
Կեանք մ՚անհուն շողի, բոյրի , աղօթքի.
Իսկ թէ կորնչի պիտի իմ հուսկ շունչ
Հոս մառախուղի մէջ համր անշըշունջ,
Այժմէն թո՛ղ որ շանթ մ՚ըլլամ դալկահար,
Պլլըւիմ անուանդ մռնչեմ անդադար,
Թող անէծք մ՚ըլլամ քու կողըդ խըրիմ,
Թող յորջորջեմ քեզ «Աստուած ոխերիմ»:
Ո՜հ, կը դողդոջեմ, դժգոյն եմ , դժգո՜յ,
Փըրփըրի ներսըս դըժոխքի մ՚հանգոյն... ։
Հառաչ մ՚եմ հեծող նոճերու մէջ սեւ,
Թափելու մօտ չոր աշնան մէկ տերեւ…:
Ո՜հ, կայծ տըւէ՛ք ինձ, կայծ տըւէ՛ք , ապրի՜մ.
Ի՜նչ, երազէ վերջ գրկել ցուրտ շիրի՜մ…
Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է , Աստուա՛ծ,
Արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գծուած…:
Ո՜հ, տըւէ՛ք հոգւոյս կրակի մի կաթիլ,
Սիրել կ՚ուզեմ դեռ ւ՚ապրիլ ու ապրիլ.
Երկնքի աստղե՛ր, հոգւոյս մէջ ընկէ՛ք,
Կայծ տըւէ՛ք, կեա՛նք՝ ձեր սիրահարին հէք:
Գարունն ո՛չ մէկ վարդ ճակտիս դալկահար՝
Ո՛չ երկնի շողերն ժըպիտ մ՚ինձ չ՚են տար:
Գիշերն միշտ դագաղս, աստղերը՝ ջահեր,
Լուսինն յար կու լայ, խուզարկէ վըհեր:
Կ՚ըլլան մարդիկ, որ լացող մը չ՚ունին,
Անոր համար Նա դըրաւ այդ լուսին.
Եւ մահամերձն ալ կ՚ուզէ երկու բան,
Նախ՝ կեա՜նքը, վերջը՝ լացող մ՚իր վըրան:
Ի զո՜ւր գըրեցին աստղերն ինծի «սէ՜ր»,
Եւ ի զո՜ւր ուսուց բուլբուլն ինձ «սիրել» ,
Ի զո՜ւր սիւքեր «սէ՜ր» ինձ ներշնչեցին,
Եւ զիս նորատի ցուցուց ջինջ ալին,
Ի զո՜ւր թաւուտքներ լըռեցին իմ շուրջ,
Գաղտնապահ տերեւք չ՚առին երբե՛ք շունչ,
Որ չը խըռովին երազքըս վըսեմ,
Թոյլ տըւին որ միշտ ըզնէ երազեմ,
Եւ ի զո՛ւր ծաղկունք, փըթիթնե՜ր գարնան,
Միշտ խնկարկեցին խոկմանցըս խորան…
Ո՜հ, նոքա ամէնքը զ՚իս ծաղրեր են…
Աստուծոյ ծաղրն է Աշխարհ ալ արդէն…:
       1871